ԼՈՒԱՑԱՐԱՐՈՒՀԻՆ
Նաւակայքին
դիմացը,
տանիքը
փողոցին
պատին
ուղղութեամբը
վերջացող
խցիկի
մը
մէջ
կը
լուար
Սուրբիկ
աղտոտ,
սեւցած
լաթերը,
զորս
շաբաթը
երկու
անգամ
կը
ժողվէր`
ընտանեզուրկ
նաւավարներէ,
ձկնորսներէ,
մօտակայ
փուռին
գործաւորներէն,
գիշերները
անկիւնի
խահվէն
պառկող
գաւառացի
պտղավաճառներէն
ու
նաւակայքին
վրայի
նեղ
խուցերուն
մէջ
բնակող
նաւավարներէն:
Չարաչար
կ՚աշխատէր
խեղճ
աղջիկը
մինչեւ
իրիկուն
թակոյկին
վրայ
կորաքամակ,
թեւերը
մինչեւ
արմունկները
սոտթած,
թնճուկ
մազերը,
որք
թերեւս
սանտր
բնաւ
տեսած
չէին,
ճակտէն
մինչեւ
ուսերուն
վրայ
խռիւ
խռիւ,
ցիրուցան,
շապիկին
ճեղքէն
ցուցնելով
նիհար`
կրակին
տաքութենէն
պղնձագոյն
դարձած
լանջը,
որ
տխուր
հեւքով
մը
շարունակ
կ՚ելնէր
կ՚իջնէր:
Ձեռքի
տենդոտ
շարժումներով
կը
ծեծէր,
կ՚աճըռէր
լաթերը,
անոնց
աղտը
հանելու
մոլեգնութեամբ
մը
համակուած:
Միս
մինակ
կ՚ապրէր
Սուրբիկ,
հայրը
մեռած
ըլլալուն
եւ
մայրն
ալ,
հակառակ
աղջկանը
կամքին,
նորէն
ամուսնացած
ըլլալուն
նաւամատույցին
վրայ
բիլաւ
ծախողի
մը
հետ:
Սուրբիկ
առեր
քալեր
էր
մօրը
տունէն
ու
երկու
երեք
օր
ասդին
անդին
անօթի
պտտելէն
ետքը
այդ
խցիկին
մէջ
մտած
էր
եւ
քիչ
ատենէն
բաւական
յաճախորդ
ձեռք
էր
ձգած:
Աղտոտութեան
յաղթելու
այդ
գործողութեան
մէջ
սփոփանքի
եւ
զբօսանքի
պէս
բան
մը
կը
գտնէր
մանկամարդ
լուացարարուհին,
թակոյկին
մէջ
լեցուող
աճառին
սպիտակ
փրփուրները
հաճոյական
տեսք
մը
կ՚ընծայէին
իր
սեւուկ,
աղուոր
աչուըներուն,
զորս
յօսնական
ակնարկով
կը
դիտէին
իր
կոշտ
յաճախորդները:
Սուրբիկ
մինչեւ
մութը
կը
լուար,
եւ
յետոյ,
պարտէզին
մէջ
լարած
հին
փտտուկ
չուաններուն
վրայ
կը
փռէր
շապիկներն
ու
թաշկինակները:
Գործը
բոլորովին
աւարտելէ
ետքը
շտապով
կ՚ուտէր
կը
լմնցնէր
ունեցած
ուտեստը,
անկողինը
կը
փռէր
մահճակալի
ձեւով
շինուած
տեղի
մը
վրայ
ու
կը
պառկէր
շատ
անգամ
իր
լաթերը
երազելով,
որք
ճեպ
ճերմակ
կ՚ըլլային
եւ
յաճախորդները
կը
գովէին
իր
լուացարարական
ճարտարութիւնը:
Յաջորդ
օրը
աւելի
եռանդով
կ՚աշխատէր,
լաթերը
աւելի
սաստկութեամբ
կը
ճզմէր,
կը
ճմռթկէր
իր
փրփրցուցած
կարմիր
մատներուն
մէջ,
եւ
զմայլումի
ու
գոհունակութեան
եզական
հառաչանք
մը
կ՚արձակէր,
երբ
զանոնք
քով
քովի
փռելէն
ետքը`
անճառ
ակնարկ
մը
նետէր
անոնց
վրայ:
Առանձնութիւնն
ու
թշուառութիւնը
բնաւ
տաղտուկ
եւ
հուսահատութիւն
չէին
պատճառէր
Սուրբիկին,
ընդհակառակն
չափազանց
գոհ
էր
իր
վիճակէն,
իր
թակոյկէն,
հնոցէն
ու
եփոցէն
զատ
ամէն
բանի
կասկածելի
աչքով
կը
նայէր
եւ
բնաւ
մէկուն
հետ
բարեկամութեամբ
չէր
տեսնուեր:
Բայց
օր
մը,
երբ
նաւակայքին
վրայի
խուցը
բնակող
ծեր
նաւավարի
մը
ճերմակեղէնները
տարաւ,
երիտասարդ
մը
նշմարեց,
որ
կարճ
փոթուռ
մը
հագած,
ոտուըները
բոբիկ,
հուժկու
կուրծքը
գետինը
փռած
կը
քնանար:
Սուրբիկ
անտարբեր
աչքով
մը
դիտեց
այդ
կայտառ
մարմինը
ու
հարցուց
նաւավարին,
թէ
ո՞վ
է
անիկա:
—
Թորոսին
խայըխովը
պալըխճութիւն
կ՚ընէ
կոր,
—
պատասխանեց
ծերունին,
տահա
նոր
է,
ամա…
ասուած
հեռու
ընէ:
—
Անունը
ի՞նչ
է:
—
Յուսեփ:
—
Լաթերը
որի՞
կուտայ
կոր:
—
Նայինք,
ըսեմ
տէ
քեզի
տայ:
Սուրբիկ
տնակը
դարձաւ,
թակոյկին
առջեւն
անցաւ,
սկսաւ
բիրտ
շարժումներով
չարչրկել
լաթերը
եւ
օճառն
այնքան
ուժգին
քսել,
որ
փրփուրի
ահագին
կոյտով
լեցաւ
ամանը:
Գիշերը,
պառկած
ատենը,
ակռաներուն
մէջէն
Սուրբիկ
կամացուկ
մը
փսրտաց.
—
Յուսեփին
լաթերն
ալ
ես
պիտի
վլամ:
Այն
գիշերը
երազեց,
թէ
Յուսեփին
լաթերը
կը
լուար
եւ
անանկ
կը
ճերմկցնէր,
որուն
նման
մինչեւ
այն
ատեն
ոչ
մէկուն
լաթը
ճերմկցուցած
չէր:
Առտուն
կանուխ
արթնցաւ
եւ
լուացքի
կարգադրութիւնները
ընելէ
ետք
նաւակայքը
վազեց:
Յուսեփ
նոր
ելած
էր
եւ
ծովին
ջուրովը
երեսն
ու
կուրծքը
կը
լուար:
Լուացարարուհին
երկչոտ
քայլերով
ներս
մտաւ
եւ
աչք
ըրաւ
ծերունի
նաւավարին,
որ
լուացքի
մասին
խօսի
երիտասարդ
ձկնորսի
հետ:
Ծերունին
ըսաւ.
—
Ծօ՛,
Յուսեփ,
աղտոտներդ
ասկէ
ետքը
ասոր
տուր,
հէմ
աղէկ,
հէմ
աժան
կը
վլայ:
Երիտասարդը
իր
շապիկին
ծայրովը
սրբուելով
հանդերձ,
Սուրբիկը
դիտեց,
անոր
թուխ
աչուըներուն
մէջ
մխրճեց
իր
կրակոտ
նայուածքը,
ու
թեթեւ
ժպիտով
մը
ցուցնելով
իր
ճերմակ
ակռաները
ըսաւ.
—
Բէք
աղէկ,
վաղը
առտու
եկու
տէ
առ:
Սուրբիկ
լուացարանը
դարձաւ
ուրախ
զուարթ.
այն
օրը
մինչեւ
իրիկուն
երգ
մը
մրմռալով
լուաց
լաթերը,
սովորականէն
աւելի
աշխուժով
ու
հոգածութեամբ
մաքրեց
զանոնք,
փրփուրը
աւելի
շատ
եւ
աւելի
թանձր
հանելով:
Յաջորդ
առտուն
մութնուլուսուն
նաւակայքին
խուցը
վազեց
Սուրբիկ,
ճակտին
վրայի
խառնիխուռն
մազերը
կրցածին
չափ
շտկած,
շապկին
կուրծքը
ամօթխածութեամբ
գոցած։
Յուսեփ
հին
ուռկաններ
կարկտելու
զբաղած
էր,
երբ
աղջկան
ներս
մտնելը
տեսաւ,
ուրախութեան
շողիւն
մը
փայլեցաւ
աչուըներուն
մէջ:
—
Հա՛,
էկա՞ր,
—
ըսաւ
ուռկանները
մէկդի
ընելով
եւ
ծրար
մը
առնելով,
զոր
կարկառեց
Սուրբիկին:
—
Էրկու
շապիկ,
չորս
չորապ
կայ
մէջը,
—
աւելցուց,
—
աման
աղէկ
վլայ,
աղուոր
քուրիկս:
—
Հոգդ
մ՚ըներ,
ախպարիկս,
ամէն
նա
կիտէն
քի
էս
մէկ
հատիկ
վլացող
եմ.
հէմ
քուկիններդ
տահա
աղուոր…
—
Իրաւ՞,
—
հարցուց
երիտասարդ
ձկնորսը`
անուշ
նայուածք
մը
սեւեռելով
լուացարարուհիին
դէմքին
վրայ:
Եւ,
իրաւ,
Սուրբիկ,
Յուսեփին
լաթերը
մասնաւոր
խնամքով
լուաց.
նախ
եփոցին
մէջ
աղէկ
մը
եփեց,
յետոյ
երեք
անգամ
լուաց,
այն
աստիճան
հոգածութեամբ,
որ
ձիւնի
ճերմակութիւն
ստացան
շապիկները:
Ցերեկուան
արեւին
փռեց
զանոնք,
չորանալէն
ետքը
ծալեց
ու
գուրգուրանքով
առաւ
ձկնորսին
տարաւ:
Բերնին
ջուրերը
վազելով
դիտեց
Յուսեփ`
երկար
ատենէ
ի
վեր
լուացք
չտեսած
իր
շապիկները,
եւ
սա
գովասանականն
արձակեց.
—
Է՛յ
աֆէրիմ
Սուրբիկ,
խըյախ
վլացեր
ես,
քանի՞
փարա
պիտի
տամ:
Մանկամարդ
լուացարարուհին
ձկնորսին
մօտեցեր
էր
եւ
չլսուելու
համար
ծեր
նաւավարէն,
որ
քիչ
մը
անդին
անկողնին
մէջ
մրափելով
կը
քերուըտէր,
ըսաւ
ցած
ձայնով.
—
Ամենուն
քառսուն
փարայէն
վար
չըլլար,
ամա,
քէնէ
քսան
փարա
կ՚առնեմ:
Ձկնորսը
թեթեւ
մը
կարմրեցաւ,
ձեռքը
գրպանը
խոթեց
եւ
երկու
տասնոց
դնելէն
ետքը
Սուրբիկին
ձեռքը,
երրորդ
մըն
ալ
տուաւ
ըսելով.
—
Ասով
ալ
եէմիշ
առ
տէ
կե՛ր:
Սուրբիկ
գրեթէ
ցատկռտելով
մտաւ
իր
խցիկէն
ներս.
կրակը
կը
ճարճատէր,
ջուրը
կ՚եռար
թիթեղէ
ամանին
մէջ,
աղտոտ
լաթերը
դիզուած
կը
կենային
թակոյկին
մէկ
կողմը:
Սակայն,
այդ
օրը,
Սուրբիկ
փոխանակ
ուրախ
ըլլալու,
լուրջ
եւ
տխուր
կերպարանք
մը
ունեցաւ.
ծանր
ծանր,
խորին
մտածութեամբ
համակ՝
լուաց
լաթերը,
բայց
ցերեկին,
միտքն
իյնալով
Յուսեփին
տուած
տասնոցը,
դուրս
ելաւ,
խաղող
գնեց
այն
ստակով
եւ
անանկ
ախորժակով
կերաւ,
որ
յաւարտ
ճաշին
իր
նախկին
զուարթութիւնն
ստացած
էր:
Չորս
օր
ետքը
նորէն
նաւակայք
գնաց
մանկամարդ
լուացարարուհին,
ուզեց
ձկնորսին
աղտոտներն
ու
այս
անգամ
անկից
զատուեցաւ
աւելի
մտերմացած
անոր
հետ:
Երբ
երրորդ
անգամուն,
առտուն
կանուխ,
իր
սովորական
այցը
տուաւ
Սուրբիկ,
ձկնորսը
ստիպեց
զայն,
որ
քիչ
մը
աւելի
նստի
եւ
խօսակցին:
Խօսակցեցան.
մէկը
իր
լուացարարութիւնը
գովեց,
միւսն
իր
ծովային
կեանքին
վայելքները
պարզեց:
Երկուքն
ալ
իրարու
արհեստին
հաւնեցան
եւ
այս
անգամ
իրարմէ
բաժնուեցան
ձեռքի
ուժեղ
սեղմումով
մը
եւ
անուշ
նայուածքներու
գորովալի
գիրկընդխառնումով:
Սուրբիկին
վտիտ
այտերը
լեցունութիւն
մը
կը
ստանային,
կենդանութիւն
մը
կը
փթթէր
անոր
ամբողջ
մարմինին
մէջ,
որմէ
հետէ
կը
տեսնուէր
Յուսեփին
հետ:
Առտու
մը,
Սուրբիկ,
լաթերը
առնելէ
ետք,
կամաց
մը
ըսաւ
Յուսեփին.
—
Ախպարի՛կ,
քու
լաթերուդ
համար
ա՛լ
ստակ
մի
տար,
ամա
իրիճա
մը
ունիմ,
դուն
ալ
ինծի
Զատկին
ֆիստան
մը
կը
շինե՞ս:
Զատկին
շրջազգեստը
շինուեցաւ,
եւ
Սուրբիկ
անօրինակ
պերեւեթումով
հագաւ
զայն
ու
պտտեցաւ:
Կեանքին
մէջ
հէ՜ք
թշուառ
աղջիկն
այնքան
ուրախ,
այնքան
երջանիկ
չէր
եղած:
Իրենց
առաւօտեան
տեսակցութիւններն
հետզհետէ
այնքան
երկարեցան
եւ
իրենց
ձայնն
այնքան
մեղմացաւ,
որ
հոն
պառկող
ծերունի
նաւավարը
քիթը
բերանը
սկսաւ
ծռմռկել
ու
մռլտալ:
Վերջապէս
օր
մը
Յուսեփ
փսրտաց
Սուրբիկին
ականջին.
—
Ինծի
կ՚առնե՞ս,
Սուրբիկ:
—
Կ՚առնեմ,
—
ըսաւ
լուացարարուհին
կարմրելով:
Առտու
մը,
Սուրբիկ
նաւակայք
գնաց
Յուսեփին
աղտոտ
լաթերը
առնելու
համար,
ծեր
նաւավարը
անդին
կը
խռկար.
խեղճ
աղջիկը
զարմանքով
տեսաւ,
թէ
ձկնորսը
իր
ծիծաղկոտ
դէմքով
չէր
երեւար
իրեն.
միայն
ուշադրութիւն
ընելով
դիտեց,
որ
անկողինը
ուռեցած
էր.
կամաց
մը
մօտեցաւ,
վեր
առաւ
վերմակը
եւ
ահագին
կոծ
մը
արձակեց.
ծեր
նաւավարը
վեր
ցատկեց:
Սուրբիկ
անկողնին
սնարին
վերեւը,
Յուսեփին
անշարժ
մարմնին
մօտ
կեցած
կուլար:
Նաւավարը
ըսաւ
երերկտալով.
—
Զաւալլը
Յուսեփը,
հը՛մ,
էրէկ
գիշեր
աղը
նետած
ատեն
ծովը
ինկեր
է,
մինչեւ
քի
ազատեր
են
նէ,
խեղդուեր
է.
եա՜,
աս
զէնաաթին
սօնը
աս
է,
հատէ,
մի՛
լար,
դուն
ալ
մեխկ
էս:
Ու
վերմակը
գլխուն
քաշելով,
սկսաւ
քնանալ:
Հէ՜ք
Սուրբիկ,
կէս
ժամ
անընդհատ
լացաւ
ծովամոյնին
սնարին
վերեւը,
ցած
հեծկլտուքներով:
Յետոյ
ծռեցաւ,
կամաց
մը
համբուրեց
Յուսեփին
սառ
շուրթերը,
որոնք
տժգունած
էին,
առաւ
սենեակին
անկիւնէն
ծրար
մը,
ուր
կը
գտնուէին
խեղճ
ձկնորսին
առջի
օրը
պատռտած
աղտոտները,
դուրս
ելաւ,
խցիկը
գնաց,
ջրալից
թակոյկին
առջեւ
անցաւ,
եւ
սկսաւ
լուալ,
կատաղի
շարժումներով,
մատներովը
մոլեգնօրէն
պատռտելով
շապիկը,
ծըւիկ
ծըւիկ
ընելով,
կտորներ
քաշելով
հանելով
երբեմն,
օճառի
փրփուրներուն,
ջուրի
ցայտերուն
մէջ,
որք
դուրս
կը
թափէին
թակոյկէն:
Յետոյ
ժողվեց
այդ
բզկտուած
լաթերը,
պարտէզ
տարաւ,
չուաններուն
վրայ
փռեց,
արեւին
մէջ,
եւ
ինքն
ալ
անոնց
դիմացը
նստաւ:
Հէք
լուացարարուհին,
մերթ
խնդաց,
մերթ
լացաւ,
մերթ
հեծեծեց,
մերթ
քրքջեց:
«Արեւելք»,
3
Յուլիս
1893։