Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՒՈԻԹԻՒՆԸ

Իր տժգոյն դէմքին վրայ ներքին մրրկածուփ յուզումին սարսուռները չմատնելու ճիգով մը` գլուխը վեր, պեխերը այլեւս ալեւոր, սրածայր ոլորուածքով, ինչպէս ինքնագոհ ու վեհապանծ երիտասարդի մը, Կոպեռնիկոս էֆ. Միրասեէդիեան ծանրօրէն վար իջաւ կառքէն, որ կանգ առած էր Շիշլիի ազգային գերեզմանատան դրանը առջեւ, Աստուածածնայ երկուշաբթի օրը, ցերեկէն երկու ժամ ետքը, օգոստոսի տաքուկ ու երանաւէտ արեւի մը տակ: Իր անստգիւտ ռըդենկոտին օձիքէն մատներու հպանցմամբ մը փոշիներ վար տալու իր ատ շարժումին ծանօթ մէկը միայն գուցէ հասկնար, որ բուռն տագնապով մը կը դողդղար այդ մարդը, որ մինչեւ իսկ գերեզմանատան դռան կամարին տակ մտած ատենը մարմնի ընկրկում մը ունեցաւ: Բայց յառաջացաւ գրեթէ անվրդով, ամբարտաւան քալուածքով մը: Եւ հակառակ, որ մուտքի կամարին տակ զինքը դիտող մը չըլլար, Կոպեռնիկոս էֆ. խոռոչներուն մէջ ամրապէս քաշուած սեւ եւ մանրաբիբ աչուըները աջ եւ ահեակ կը շրջշրջէր` տեսնելու համար, թէ զինքը կը տեսնե՞ն: Գերեզմանատան պարտէզը, ուր մտաւ, իր խաղաղ ու գեղարուեստական երեւոյթովը կարծես քաջալերեց Կոպեռնիկոս էֆ. ն, որ վարժ քալուածքով մը յառաջացաւ դէպի վեր, մէջտեղի ճամբէն, այլեւս գրեթէ հանդարտ հետաքրքրութեամբ մը շուրջը դիտելով, իբրեւ բոլորովին նոր բան մը տեսած, սլացիկ, մաքուր, մարմարեղէն շիրիմներուն նայելով զարմանքոտ, երկիւղած ու գգուագին աչուըներով: Մահաստանին անկիւններէն խժլտուք մը կը բարձրանար հիմա, տաժանագին, ինչպէս հուսկ յետին հռնդիւնը բոլոր այդ հողին տակ պառկող մեռելներուն: Գերեզմանոցին տարածութեանը վրայ սգաւորներ եկած էին պագտուիլ հողին հետ, որուն տակ սիրելիներու կմախաշար կարաւանները կը փտտին որդնալից:

Կոպեռնիկոս էֆ. տեսակ մը գոհունակութեան շարժում ունեցաւ: Մեռելաստանի իր երեւակայած ահաւոր ամայութիւնը ահա շէնցած էր, ու ինքը իրեն պէս շատերուն մէջ աննշմար պիտի մնար, ու իր այդ այցելութիւնը, որմէ կը սոսկար տարիներէ ի վեր, պարզ եւ գուցէ հաճելի պտոյտի մը հանգամանքը պիտի առնէր, հակառակ իր ենթադրութեանը, ուրիշներու աչքին:

Առեւտրական աշխարհի մարդ, միշտ տեսակ մը նողկանք տածած էր մեռելներու աշխարհին համար, որմէ կարելի եղածին չափ խոյս տուած էր: Մահուան համար, որուն հանդերձեալ կեանքի հռչակուած հեռանկարը իր կարծիքովը անճոռնի բառադոքս մըն էր, այնքան բնածին սոսկումով մըն էր լեցուած, որ երբեք չէր ուզեր անոր վրայ մտածել, անով տուայտիլ, աշխարհը օրին մէկը ձգելու գաղափարին հետ կատաղօրէն անհաշտ: Կոպեռնիկոս էֆ. ի ո եւ է յուղարկաւորութեան չհետեւիլը ամէն մարդ գիտէր իր բարեկամական շրջանակին մէջ, եւ ոչ ոք կը վշտանար, երբ որ ծանօթի մը կամ ազգականի մը մահուան առթիւ փոխանակ մեռելին ներկայ գտնուելու անձամբ, քարտով մը կամ ծաղկեփունջով մը իր ցաւակցութիւնը յայտնէր:

Ատ կողմս տկար է, ի՛նչ ընեմ, ձեռքս չէ, սիրտս չի դիմանար, գէշ կ՚ըլլամ, կ՚ըսէր:

Սակայն մէկ քանիներ, իր վաղածանօթներէն, լսած էին. առանց շատ պնդելու, թէ Կոպեռնիկոս էֆ. իր վաճառականի հիմակուան դիրքին չհասած, շատ անգամներ ներկայ գտնուած էր յուղարկաւորութեանց, առանց յուզման ակներեւ նշաններ ցոյց տալու: Վերջին ութը տասը տարուան միջոցին էր, որ մէկէն ի մէկ հոգեկան այդ տկարութեան մղուած էր եւ խոյս տուած մեռելներէն ու գերեզմանոցներէն: Բայց որովհետեւ ազգային կամ հանրային հարց մը չէր ասիկայ, մարդիկ աչք գոցած էին եւ անտարբեր գտնուած:

Մանաւանդ, որ վերջին տասը տարուան միջոցին իր իսկ ընտանիքին մէջ պատահած մեռելներէն ոչ մէկուն հանդէսին ներկայ գտնուած էր, ոչ ժամ գացած էր, ոչ գերեզմաննոց. տունը նստած էր կամ մինչեւ իսկ անգամ մը, քրոջը մահուան ատենը, Պոլսոյ իր գրասենեակը իջած էր, հոն ընդունելով, երկու փոխանագիրներու ստորագրութեանը մէջ, ցաւակցութեանց ճղակտոր արտայայտութիւնները: Իր այս բոլորովին տարօրինակ ժեստը ոմանց հետաքրքրութիւնը շարժած ըլլալով, Կոպեռնիկոս էֆ. ի գործակատարը, Ղուկաս աղա ազիզիէ ֆէսով եւ գլխուն ետեւը` ծոծրակին եւ քունքերուն ծեփ ծեփ փակչած մազերով միջահասակ մարդուկ մը, մարդոց առջեւ երկարամեայ անդադրում խոնարհումներէն ողնահարը ծռած սրտաշարժ ու կսկծագին ձայնով մը ըսած էր.

էֆենդին իր քոյրը այնքան կը սիրէր, որ եթէ ասանկ չընէր ու սուգը առնէր, վրան լար, ողբար, պէլքի ալ խելքին կուգար:

Խե՜ղճ մարդ, ըսած էին այս խորին յայտնութիւնը լսողները:

Մօրը մեռելի՛ն անգամ ներկայ չէր գտնուած: Իր մեծ եղբայրը, քոյրը, քրոջ ամուսինը, յետոյ ուրիշ մէկ քոյրը չուած էին աշխարհէս` մեռելական փոսին եզրը իրենց եղբօր լալահառաչ ներկայութեան «յետմահու» մխիթարութիւնէն ալ զրկուած:

Ես մինչեւ հոն երթամ նէ, ըսած էր անգամ մը Կոպեռնիկոս էֆ., ինծի ալ ատ փոսին մէջը նետելու, ողջ-ողջ թաղելու են…

Իրեններուն համար տածած այս խանդակաթ սէրը ոչ միայն զարմանք չէր պատճառած իր ծանօթներուն, այլեւ իր «բարոյական»ին համար անոնց սնուցած բարձր համարումը ա՛լ աւելի բարձրացուած էր:

Եւ ահա տասը տարի ետքը, երբ այլեւս ամայութիւնը տիրած էր իր շուրջը, իր ընտանիքին մէջ, ուր միս մինակ մնացած էր մահուան անողոք կոյրզկուրայն հնձումին մէջտեղ, Կոպեռնիկոս էֆ., Աստուածածնայ մեռելոցին կուգար վերջապէս այցելել իր մեռելներուն` զանոնք օրհնել տալու համար:

Իր գործակատարը, որ միշտ իր կողմէ բոլոր յուղարկավորութիւններուն ներկայ գտնուած էր մինչեւ փոսերուն ծածկուիլը եւ ծաղկեփունջնրուն անոնց վրայ խառնիխուռն կուտակուիլը, եւ որ այդ օրը, հանդիսաւոր ու խորհրդալից օր, իր տեղը տիրոջը տուած էր, մանրամասնօրէն նկարագրած էր Միրասեէտիեան գերդաստանին դամբարանին վայրը, որ ազգային ծանօթ բարերարի մը գմբէթաւոր հոյակերտ դամբարանին ետեւը կ՚իյնար: Կոպեռնիկոս էֆ., առանց ուշադրութիւն ընելու Ղուկաս աղային բացած զարմացական աչուըներուն, առած էր գերեզմանին բանալիքը, որուն սառն հպումը դող մը պտտցուցեր էր իր երակներուն մէջ: Մահուան պէս ա՛տ ալ պա՛ղ:

Սոսկումը, որով պաշարուած էր մահաստանին շրջափակէն ներս մտնելէ առաջ, կը մեղմանար հիմակ, վայրին խնամքոտ ու խաղաղաւէտ յարդարումէն, պորփիւրէ ու մարմարէ հոյակերտ շիրիմներուն կանգնագեղ յօրինուածութենէն հմայուած, թէեւ ինք երբեք մարմարին արուեստովը հետաքրքրուած չըլլար: Կամաց կամաց, զգուշութեամբ կը քալէր, ավելի հետաքրքիրի մը ձեւը ջանալով տալ իրեն, քան թէ իր մեռելներուն այցելողի մը: Կարճուկ թուփերուն վրայէն եւ դամբարաններուն օձապտոյտ ածուներուն միջեւ կը տեսնէր փոսերու եւ գերեզմանաքարերու վրայ ծռած կռնակներ, որոնք կը թոթուուէին, կիներ ու տղաք, որ տոտոզուած շիրմաքարերու մէջտեղ, կը խօսուռտէին: Աւելի հեռուն, վանդակորմի մը ձողերուն ետին` մօրուքը տէրտէրի մը, որ կը կարդար: Բայց երբ առաջին անգամ աչքին դիպաւ գմբէթաւոր դամբարանը «ազգային բարերար»ին, Կոպեռնիկոս էֆ. կանգ առաւ: Իրենցը անոր ետեւն էր, ինչպէս բացատրած էր Ղուկաս աղան:

Այս Ղուկաս աղան, պարագաներուն եւ իր գործին բերմամբը, շատ կարեւոր դեր մը խաղացած էր Մերասեէտիեան ընտանիքին մէջ: Նախ եւ առաջ, իբրեւ Կոպեռնիկոս էֆ. ի գործակատարը, ընտանիքին բոլոր մեռելները ինք իր ձեռքովը հողին յանձնած էր: Առաջին մեռելին, էֆ. ին յանձնարարութեամբը, տասը քառակուսի մետր տարածութեամբ հող մը գնած էր Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, յետոյ, ամէն անգամ նոր մեռել մը պատահելուն, Ղուկաս աղա քար մը ձգել տուած էր վրան տապանագիրով մը` գրուած իրեն ծանօթ հինգլուխ հայկաբան պատուելիի մը կողմէ, Եէնի Քափու, ուր ինքը կը բնակէր:

Իւրաքանչիւր գերեզմանաքարը տնկուելուն, Ղուկաս աղա հաշիւը ներկայացուցեր էր Կոպեռնիկոս էֆենտիին, որ, առեւտրական պարզ եւ սովորական հաշուեցուցակ մը աչքէ անցընելու պէս, ակնոցներուն շրջանակին վրայէն նայուածք մը նետելով անոր, միշտ սա դիտողութիւնը միայն ըրած էր.

Ղուկա՛ս, աս ծախքին վե՞րջը, չլմնցա՛ւ, անոնք մեռան գացին, Աստուած ողորմի հոգունուն, իշտէ աս քսան ոսկին ճէրիմէ է…

Եւ օր մը, տրամադրութիւնը տեղը մէկ վայրկեանին, հայ վաճառականը` Ղուկաս աղային հանել տուած էր Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ Մերասեէտիեան ընտանիքին դամբարանին համար եղած բովանդակ ծախքին հաշիւը: Գործակատարը, որ այլեւս կարծես այդ ընտանիքին գերեզմանափորի քստմնելի տիտղոսովը կը հպարտանար, գրպանի մէկ եղոտ տետրակէն քաղած էր այդ մեռելաբոյր հաշիւը:

Ութը հազար երեք հարիւր քառասունըչորս ղրուշ, տասը փարա, ըսած էր Ղուկաս աղա արարողական ձայնով մը:

Մե՜ղք փարաներուն, մրմռացած էր Կոպեռնիկոս էֆ. բայց ան չէ ամմա, ատ տասը փարա՞ն ինչ է, հարցուցած էր գործակատարին դառնալով:

Վերջին անգամ դռնապանին տղուն տասնոց մը պաշխիշ տուի, պատասխանած էր Ղուկաս աղա:

Մե՜ղք, մե՜ղք փարաներուն:

Ժամանակէ մը ի վեր, սակայն, Ղուկաս աղա կը դիտէր, որ իր մեծաւորը տրտմաթախիծ ու մտահոգ երեւոյթ մը ունէր: Ատեն ատեն իր մանր ու սեւ բիբերը պաղա՜ծ կը մնային մէկ կէտի մը սեւեռած եւ յանկարծական թօթուըտուքներ ալ կ՚ունենար: Յետոյ, վերջերս, օր մըն ալ, չյսուա՛ծ բան. Ղուկաս աղային հարցուցեր էր, թէ երբեմն երբեմն գերեզմաննոց կ՚երթա՞յ եւ մեռելները աչքէ կ՚անցընէ՞: Թաղը ի՞նչ վիճակի մէջ է: Պզտիկ ծառեր տնկուա՞ծ են հոն: Պահապանը կը ջրէ՞ կոր: Քարերը կը մաքրուի՞ն կոր: Բնականաբար Ղուկաս աղա հանկարծակիի եկած էր ու կմկմացած, վասնզի այդ բաներուն ոչ մէկը եղած էր:

Ղուկա՛ս, հրամայած էր Կոպեռնիկոս էֆ., ասկէց ետքը ամիսը մէյ մը գնա՛, աչքէ անցո՛ւր, բանլիքն ալ երկուք ըրէ՛, մէկը միշտ վրադ պահէ :

Այս մարդը կը փախցնէ՞ կոր, մրմռացեր էր գործակատարը` քունքին մազերը շտկելէն:

Բայց իր զարմանքը ապշութեան փոխուեցաւ, երբ Աստուածածնայ շաբաթ օրը մաղազայէն ելլելէ առաջ` Կոպեռնիկոս էֆ. կանչեց իր գործակատարը եւ ըսաւ անոր.

Ղուկա՛ս, վաղն առտու մեր տաներէցին գնա՛, ըսէ, որ երկուշաբթի կէս օրէն ետքը, ժամը ութին, Շիշլիի գերեզմանոցը պիտի գտնուիմ, մեռելներս օրհնել տալու համար. ինքն ալ հոն թող ըլլայ…

Աստուած վերջերնիս բարին ընէ, մրթմրթաց Ղուկաս աղա` չկրնալով բան մը հասկնալ եղածէն:

* * *

Եւ հիմակ, ահա իր մեռելները օրհնել տալու եկած էր Կոպեռնիկոս էֆ., որ «ազգային բարերար»ին գմբէթաւոր դամբարանին ետեւը դառնալուն պէս` Մերասեէտիեան գերդաստանին դամբարանին առջեւը գտած էր ինքզինքը: Ներս նայեցաւ. տէրտէրը տակաւին չէր եկած: Այս դժպատեհութիւնը քանի կաթիլ քրտինք ծորեցուց ճակատին վրայ: Գերեզմանը շրջապատուած էր երկաթէ վանդակորմով մը: Հինգ հատ տապաններ, երեքը քով քովի, միւս երկուքր քիչ մը աւելի ետեւ` իրարմէ հեռու, կը ծածկէին հողը: Քառակուսի մարմարներ էին, շիրիմներուն է՛ն պարզը: Քանի մը ծառեր կային, կարճուկ ու վտիտ, յայտնապէս նոր տնկուած: Պերճ ու հոյակապ շիրմաքարերուն եւ խնամքով զարդարած գերեզմաններուն մէջտեղ տրտմագին պարզութեամբ մը կը յայտնորոշուէր Մերասեէտիաններուն թաղը` լքման յայտարար նշաններով:

Կոպեռնիկոս էֆ. հանեց գրպանէն բանալին, բացաւ դուռը եւ ներս մտաւ: Իրեններուն քովն էր: Իր մորթին տակ մաճկացած արիւնը, որ հակառակ իր յիսունըհինգ տարիներուն, երիտասարդական վառք մը կուտար իրեն, պահ մը անհետացաւ, մահական տժգունութեամբ մը դալկահարելով իր դէմ որ: Այդ տոկուն եւ անգութ մարդը կը դողար: Դանդաղուն քայլերով մօտեցաւ մէջտեղի երեք տապանաքարերուն եւ կարծես չիյնալու համար, երկու ձեռքերովը կրթնեցաւ մարմարին: Եւ յուզումէն պղտորած աչուըներովը նայեցաւ տապանագիրին: Մօրն էր:

Այս է տապան հանգստեան

Տիկին Նազենի Մերասեէտիեանի,

Որ մեկնեցաւ այս ցաւոց հովտէն

Հետ եօթանասնամեայ կենաց անբասիր:

Վարքովն եղեւ առաքինազարդ.

Անցո՛րդ, կաթիլ մը արտասուք

Նուիրէ իր անմահ յիշատակին:

 

Եէնի Գափուցի պատուելիին քերթողական այս չքնաղ արտադրութիւնը ուժգնօրէն ցնցեց Կոպեռնիկոս էֆ. ն: Իր սեւեռական նայուածքին տակ՝ մայրը կը նկարուէր այդ մարմարին վրայ, այդ գիրերը գիծեր կ՚ըլլային` ուրուանկարելու համար անոր ճերմակ ու վտիտ մարմինը, ճիշդ ինչպէս վերջին անգամ ան իր աչքին երեւցած էր` անկողնին վրայ, իրիկունը, շուկայէն դարձին, Ղուկաս աղային հետ, որ մեռելի գիշերներ չորպաճիին տունը կը պառկէր բացառապէս: Ցերեկին հանկարծամահ եղեր էր պառաւը, առանց ճիկ մը հանելու մոմի պէս անցնելով: Շուտով մարդ մը վազեցուցեր էին մաղազան` այս աղէտը ծանուցանելու: Կոպեռնիկոս էֆ. դրամարկղը բացած` ոսկիի եւ բանկնոտի հետ կը խաղար, երբ Ղուկաս աղան ետեւէն յանկարծ բօթը նետեր էր իրեն.

Էֆենդի՛, մայրերնիդ ձեզի օրեր…

Վաճառականը, առանց ձեռքը դուրս հանելու դրամարկղէն, գլուխը դարձուցեր եւ ակնոցին վրայէն նայելով գործակատարին`

Ատ ո՞ւրկէ իմացար, ծօ՛, ըսէր էր, սխալ չըլլա՛յ:

Հիմա լուր բերին: Այո՛, ձեզի օրեր, կրկներ էր գործակատարը:

Թօհա՜ֆ բան, մրմռացեր էր Կոպեռնիկոս էֆ. եւ դարձեալ դրամարկղով զբաղէր էր: Իրիկուան, սովորական ժամուն տուն գացեր եւ մայրը երկնցած գտեր էր անկողնին վրայ` անկենդան:

Ահա այդ պատկերը կը տեսնէր հիմա գերեզմանաքարին վրայ: Խե՜ղճ կին: Որքան տառապեր էր կեանքին մէջ եւ իր վերջին տարիները որքան դառնակսկիծ եղեր էին` միմիայն իր այդ Կոպեռնիկոսին երեսէն պզտիկուց իսկ նենգամիտ ու կեղծաւոր, անոր լռիկ ու սքօղուած չարագործութեանց պատճառովը: Ագահ եւ զօշաքաղ, այս մարդը բռնաբար մօրը ձեռքէն յափշտակէր էր հօրենական ժառանգութեան բաժինը, խաբէութեան եւ ահաբեկումի ցանց մը լարելով այդ երկիւղած ու երկչոտ կնոջ շուրջը: Կը յիշէր հիմակ, որ գիշեր մը, նոյնիսկ իր հաստ գաւազանովը անոր վրայ յարձակելու եղեռնական շարժում մըն էր ըրած, «տո՛ւր, տո՛ւր ունեցածդ» ոռնալով, երբ քոյրը, քառասուննոց ամուրի աղջիկ մը, նուաղած ինկեր էր մօրը եւ եղբօրը մէջտեղ: Հետեւեալ օրը, Նազենի հանըմ իր արկղին բանալին դողալով զաւկին կլափը նետեր էր: Եւ տղան, բորենիի պէս դունչը այդ արկղին մէջ խոթեր ու լափեր էր հարիւրաւոր ոսկիներու արժէքով գոհարեղէններ եւ բազմաթիւ արժեթուղթեր:

Հապա այդ խեղճ քո՜յրը, որուն կեանքը մարտիրոսութիւն մըն էր եղած իր եղբօրը ձեռքին մէջ: Հակառակ հազար ոսկի դրամօժիտ ունենալուն, մինչեւ երեսուն տարեկան տակաւին թարմ հասակը, չէր կրցած ամուսնանալ: Կոպեռնիկոս անարգ մեքենայութիւններով յաջողած էր ամուսնական բոլոր առաջարկները չէզոքացնել, իր մօտը, իր ձեռքին տակը պահելու համար անոր հազար ոսկին: Աղջիկը մեծցեր էր, մազերը սկսէր էին ճերմկոտիլ, եւ օր մը, եղբօրը կողմէ բրտօրէն փողոց ձգուելու, գայթակղութեանց նշաւակ դառնալու սպառնալիքին տակ, հաւանած էր իր դրամօժիտը եղբօրը յանձնել իբր աւանդ: Կոպեռնիկոս կուլ տուած էր այդ դրամն ալ: Հոն էր, մօրը տապանաքարին քովիկը, Իսկուհի Մերասեէտիեանը եւ իր տապանագիրը, որ «Այս է տապան հանգստեան»ով մը կը սկսէր, ինչպէս բոլոր միւսները, կը յիշէր, թէ «փոխեցաւ աստի, վարելով կեանս կուսական եւ առաքինի»: Օրիորդ Իսկուհի, եղբօրը յանձնելն յետոյ իր յոյսն ու ապագան, տան մէջ սպասուհիի դերին իջուցուած էր: Ըղեղատապ մը տարեր էր զինքը մօրմէն առաջ:

Կոպեռնիկոս էֆ. կորաքամակ, քրոջը գերեզմանաքարին վրայ հակեցաւ` ձայնի մը ականջ տալու պէս: Յանկարծ քայլ մը ետ ինկաւ: Լսած էր այն հեկեկանքը, զոր լացեր էր քոյրը` հարստութիւնն իր եղբօրը յանձնած օրը: Տժգոյն եւ դողդղահար, Կոպեռնիկոս էֆ. դուրս նայեցաւ, անգաղտնապահ աչքերէ դիտուելու վախով պաշարուած: Այդ օրը, բարեբախտաբար, սովորական էր տեսնել գերեզմաններու առջեւ այլայլուած դէմքեր, սեւեռաբիբ նայուածքներ եւ հեկեկալից կոկորդներ: Կ՚անցնէին անկէ, առանց իսկ իրեն նայելու: Եւ Կոպեռնիկոս էֆ. ուզէր ալ, չէր կրնար դուրս ելլել այդ շրջափակէն, իր զոհերուն ստուերներուն մէջ կարծես բռնուած, կաշկանդուած:

Նորէն մօտեցաւ, ակամայ, մանրաբիբ աչուըները յառած շիրմաքարերուն: Մօրը աջ դին եղբայրն էր պառկած, իրմէ մեծը` Յովհաննէս էֆենդի Մերասեէտիեան, որ բուն հիմնադիրն էր եղած առեւտրական այն տանը, ուր այժմ կը տիրապետէր Կոպեռնիկոս էֆենտի միահեծան: Բարի, ազնիւ, վեհանձն եւ ուղղամիտ մարդ, ձեռք բռնել էր իր եղբօրը, քովը առէր եւ իր գործին զայն ընկեր ըրեր էր ի վերջոյ: Կոպեռնիկոս էֆ., նենգաւոր եւ հնարամիտ, զեղծումներով խախտեր էր գործին առկայութիւնը, եւ իր վստահութիւնը վայելող քանի մը պատուաւոր չարագործներու մեղսակցութեամբը, պարտքի կեղծ թուղթեր ստորագրեր էր յանուն Մերասեէտիեան առեւտրական տան, եւ անակնկալ սնանկութիւն մը հիմնայատակ կործանէր էր գործը: Յովհաննէս էֆ. ի կրած ցնցումը մահաբեր եղեր էր: Կաթուած մը երկու տարի տանը անկիւնը գամելէ յետոյ զինքը, վերջապէս գերեզման իջեցուցեր էր: Այդ միամիտ ու բարի մարդը իր եղբօր ամբողջ դաւաճանութիւնը ետքէն կռահելով, իր անշարժութեան անկիւնէն մերթ մրրկաթունդ կատաղութեամբ մը բորբոքած, գոռացեր էր անոր երեսն ի վեր.

Գազա՜ն, տուներնիս, տեղերնիս կործանեցիր:

Անոր կենդանութեանն իսկ, Կոպեռնիկոս էֆ. վերահաստատէր էր առեւտրական տունը եւ հրապարակին վրայ ճանչցուեր էր իբրեւ յոյժ վստահելի, պարկեշտ ու պատուաւոր վաճառական մը:

Իր եղբօրը մահուընէն ետքն էր, որ իր ամուսնացած քրոջը, տիկին Ագապի Կիւլէրեանի ամուսինը, Մարտիրոս էֆ., մէկ քանի հազար ոսկիի տէր մարդ, մտերմաբար տարուելով իր աներորդիին շողշողուն եւ պատրական խոստումներէն, իր ամբողջ դրամագլուխը անոր գործին տրամադրեր էր, մասամբ ընկեր դառնալով: Տարի մը չէր տեւած, եւ Մարտիրոս էֆ. վռնտուած էր իր աներորդիին վաճառատունէն ու թէեւ դատարանէ դատարան ինկած էր մէկ քանի տարի, կրած յուզումներէն ու քաշած տառապանքներէն վերջ ի վերջոյ տեսակ մը ապշութեան ենթարկուած ու թշուառօրէն մեռած էր` իբրեւ շնորհ թաղուելով Մերասեէտիանենց դամբարանին մէջ, Ղուկաս աղային միջնորդութեամբը: Իրեն հետեւած էր կինն ալ, որ հակառակ քանիցս եղբօրը ոտքերը իյնալուն լալահառաչ, կոպտօրէն վռնտուած էր:

Եւ այդ ընտանիքին բոլոր անդամները մէկիկ մէկիկ ինկած էին` այդ մարդէն շանթահարուելով, իրենց բոլոր ունեցածը տալով անոր` զանիկա հասցնելու համար իր իտէալ-նպատակին, որ էր պատկառելի հարստութեան մը եւ նախանձելի դիրքի մը տիրացումը:

Հիմակ հոդ էին իր բոլոր զոհերը, շուրջն էին իր խոշտանգած, քայքայած, մահացուցած բոլոր էակները որոնցմէ տարիներով հեռի մնալէ եւ զանոնք իզուր մոռնալ ջանալէ յետոյ, կը քաշուէր, ահա հոդ կը բերուէր հիմա, դէպի կառափնատ քաշկռտուող դատապարտեալի մը պէս:

Կանգնած այդ քստմնելի քարերուն մէջտեղը, որոնց ճերմակ գոյնին վրայ արեան կարմրութիւններ կ՚ընդնշմարէր մերթ, ամբողջ մարմնովը կը դողդղար: Տապանագիրներուն ներքեւ փորագրուած մարդկային գանկերը, խաչաձեւ երկար ոսկորներու մէջ զետեղուած, իբրեւ դիւային խորհրդանշանը մահուան, շարժիլ կը թուէին իրեն, աչքերնուն անդնդային խոռոչներովը իրեն կը նայէին, կզակներնին ընդհարելով չոր կափկափումով մը: Գերեզմաններուն խորերէն ձայներ կուգային հիմա, աղեխարշ եւ ահաւոր, լալագին կականներ կը բարձրանային, եւ նուաղկոտ ճիչեր ու օրհասական հեծիւններ իրարու կը խառնուէին: Երբեմն բոլորէն ալ ահեղագոռ աղաղակ մը կը բարձրանար միանուագ։

Ոճրագո՛րծ:

Ու գանկերը` իրենց ոսկորէ պատուանդաններուն վրայ, կը հոլովուէին, կը թաւալէին, պարապ ու ահաւոր աչքերովնին շանթահարելով Կոպեռնիկոս էֆ. ն, որուն ճակտէն, քունքերէն, թուշերէն քրտինքի կաթիլները ուղխօրէն կը վազէին, ու իր մանր բիբերը, սպիտակուցներուն մէջտեղը անշարժացած, նայեցան, նայեցա՜ն, նայեցան, շիրմաքարերէն գանկերը կամաց-կամաց վեր ելան հիմա ու կանգնեցան ոսկորներուն վրայ, մարդաչափ երկարութեամբ: Ու կը շարժէին այդ հինգ գանկերը, կը պարէին վաճառականին շուրջը, լալագին ոռնումներով, ահռելի ու դիւային ծամածռութիւններով, կլափնին լայնաբաց, իրենց պարապ ականողիքներուն մթին արհաւիրքովը ահաբեկելով այդ հինգ գերեզմաններուն յարդարիչը:

Կոպեռնիկոս էֆ. մղձաւանջէն այսահարուած, ջղաձգօրէն երկու ձեռքովը կոկորդը սեղմեց, կը խեղդուէր, օրհասական հռնդիւններ կ՚արձակէր: Եւ ուզեց փախչիլ, ազատիլ մեռելներէն, որ իրենց կմախքներովը կը սպառնային իրեն, քայլ մը առաւ դէպի ետեւ, օդին մէջ տատանող գանկերուն նայելով հեւասպառ: Պիտի պոռար, պիտի ոռնար իր բովանդակ սարսափը, ու ձեռքերը դէպի ետեւ վանդակորմին երկնցուց…

Յանկարծ խոշոր ու թաւ ձայն մը բարձրացաւ.

Ին՞չ կ՚ըլլաք կոր, Կոպեռնիկոս էֆ.:

Տէրտէրն էր, որ կուգար մեռելները օրհնելու:

Վաճառականը մէկէն ի մէկ սթափեցաւ: Քրտինքները կ՚իջնային երեսն ի վար եւ կուրծքը կը հեւար դաժանօրէն:

Այդ ո՞րքան յուզուէր էք, էֆէնդի, ըսաւ քահանան վշտագին զարմացմամբ նայելով իր հարուստ ծուխին, որ լուռ ու մունջ քրտինքները կը սրբէր հիմա:

Ու այլեւս հանդարտած,

Տէ՛ր հայր, առաջին անգամն է, որ սիրելիներուս գերեզմանները կ՚այցելեմ, թոթովեց, շուրջը նայելով եւ ա՛լ չտեսնելով կմախքները, որ անյայտ եղած էին Աստծոյ պաշտօնեային երեւումէն:

Օրհնեցէ՛ք այս գերեզմանները, տէ՛ր հայր, ըսաւ Կոպեռնիկոս էֆ., տէր հօր աջը առնելով եւ գլխիկոր ու ձեռնածալ կենալով մօրը տապանաքարին առջեւ:

Քահանան ծոցէն հանեց խաչը եւ ժամագիրքը եւ հանգստեան աղօթքը սկսաւ մեռելական տխուր եղանակաւորումով մը, որ յանցապարտ վաճառականին ոսկորները սրսփացուց:

Գայ զօրութեանց թագաւորն ի նորոգել

Զարարածս, ի ձայն ահեղ բարբառոյ

Զարթուցանէ զննջեցեալն…

Մօտէն ու հեռուէն սգաւորներու նուաղուն հեծեծմունքը կը լսուէին: Ծառերուն մէջ` հեզասոյլ հովը դամբանական խարշափ մը կը պտտցնէր, եւ մերթ, ո՜վ տրտմալի հակասութիւնը մարդկային իրերուն, ծիծաղի բեկորներ կը թռչտէին շիրմէ շիրիմ, եւ տղաք ու կիներ կ՚աճապարէին ճամբաներուն վրայ, ինչպէս տօնավաճառի մը մէջ:

Տէրտէրը իր ողբական թաւահունչ սաղմոսերգութիւնը կը շարունակէր, խաչը կարգաւ մօտեցնելով ամէն մէկ տապանաքարին.

Ի տաճարի քում սրբութեան մատուցանեմք քեզ

Պաղատանս արտասուալից, պայծառացո՛,

Տէ՛ր, զհոգիս նընջեցելոցն ընդ սուրբս քո

Եւ դասաւորեա՛ ի յաւուրն այցելութեան…

Կոպեռնիկոս էֆ., ինկած իր դողդոջ ծնկուըներուն վրայ, կորաքամակ, կուլար: Կուլա՜ր լռիկ, մնջիկ, իր այտերուն վրայ առաջին անգամը զգալով թացութիւնը աղի արցունքներուն, որոնցմէ հեղեղներ վազցուցեր էր, ատենօք` հոդ ամփոփուած թշուառներուն դէմքին վրայ: Իր լայնշի ուսերը կը ցնցուէին եւ իրօք աղեխարշ էր տեսնել այդ պատկառելի ու տարէց մարդը, որ խուլ եւ զսպուած հեկեկանքներով կուլար, տղու մը պէս, մարմարեայ այդ դագաղներոն մէջտեղ:

Խե՜ղճ մարդ, կ՚ըսէին անկից անցնող սգաւորները, ամբաններու մէջտեղը ծնրադիր կոծող այդ «շնորհքով մարդուն» ողբալի տեսքէն ազդուած:

Տէրտէրը, որուն համար անբացատրելի էին իր ծուխին լացի այդ յանկարծական պոռթկումները, կարելի եղածին չափ երկարեց օրհնութիւնը, որ վերջապէս լմնցուց հանդիսաւոր ու արարողական շեշտով մը արտասանուած «հոգւո՜ցն հանգուցելոց»ով մը: Խաչը վերջին անգամ մը երկարեց Կոպեռնիկոս էֆ. ի շրթներուն, որոնք համբուրեցին զայն սրտազեղուն ջերմեռանդութեամբ:

Քահանան, գործը աւարտած, խաչը պլորեց մետաքսեայ լաթին մէջ, ծոցը դրաւ եւ աճապարեց դուրս ելլել դամբարանէն` վաճառականին կողմէ կամացուկ մը իր ափը սպրդուած ոսկիին հետ միասին:

Կոպեռնիկոս էֆ. իսկոյն հետեւեցաւ քահանային` իր մեռելներուն հետ նորէն առանձին, գլուխ գլխի մնալու վախէն հալածուած ու դուրս նետուեցաւ, կղպեց դուռը եւ հազիւ քայլ մը հեռացած` երկու ձեռուըներովը գոցեց ականջները:

Մեռելներուն ահեղ ձայնը լսած էր նորէն, որ կը պոռային իր կռնակէն.

Ոճրագո՛րծ, աւազա՛կ…

* * *

Մէկ քանի օր վաճառատան մէջ Կոպեռնիկոս էֆ. ի տրտմութիւնը, խոժոռութիւնն ու խորհրդաւոր անխօսութիւնը պատկառանք եւ մինչեւ իսկ երկիւղ ազդեցին պաշտօնեաներուն, մանաւանդ Ղուկաս աղայի, որուն հետ հազիւ թէ քանի մը բառ փոխանակեց վաճառականը: Անշահախնդրական վերաբերմունք մըն ալ ունեցաւ իր գործին իսկ հանդէպ, որուն ամենէն յետին մանրամասնութեանցը կը հետաքրքրուէր մինչեւ տակաւին քանի մը օր առաջ: Յետոյ, գործակատարը դիտեց, որ չորպաճին, իր գրասեղանին առջեւ, ակնոցը քիթը, մատիտ մը ձեռքը, երկարօրէն կ՚որոճար թուղթի կտորի մը վրայ, կը գրէր, կ՚աւրէր, նորէն կը գրէր ու նորէն կ՚աւրէր եւ ի վերջոյ խնամքով կը ծալլէր, գրպանը կը տեղաւորէր զայն: Ղուկաս աղա, հակառակ իր բարակի հոտառութեանը, չէր կրնար հասկնալ այդ խորհրդաւոր թուղթին պարունակութիւնը ու կը ճենճերէր հետաքրքրութեան հնոցին մէջ:

Բարով խերով չերթար ատ գերեզմաննոցը, կը մռըլտար քունքին մազերը բարկութեամբ տափակցնելէն:

Երրորդ իրիկունը, Կոպեռնիկոս էֆ. «Այս գիշեր մէկտեղ տուն երթանք, Ղուկաս», ըսաւ խոժոռ ու հանդիսաւոր ձայնով մը:

Միասին ելան վաճառատունէն: Ղուկաս աղա միշտ քայլ մը հեռուէն, ըստ սովորութեան:

Տունը նորէն մեռե՞լ մը կայ արդեօք, կը մտածէր ճամփան Ղուկաս աղա, որ մահուան պարագաներու միայն իր չորպաճիին տունը գացած ու գիշերած էր: Բայց… մարդ չմնաց, ամէնքն ալ ճողեցան, կը շարունակէր` չկրնալով հանգոյցը լուծել:

Ճաշը լուռ ու մունջ անցաւ:

Յետոյ Կոպեռնիկոս էֆ. իր սենեակը տարաւ Ղուկաս աղան եւ գրասեղանի մը առջեւ անցնելով` ակնոցը դրաւ եւ գրպանէն ծանրօրէն հանեց խորհրդաւոր թուղթին կտորը:

Ղուկա՛ս, ըսաւ, գործակատարին երեսը նայելէն խորաթափանց նայուածքով մը, ես ոճրագործ մարդ մըն եմ, գիտե՛ս հէ՞:

Ամա՜ն, էֆէնտի, քաւ լիցի, քեզի պէս առաքինի մարդ մը, ի՞նչ կ՚ըսես, էֆէնտի, մլաւեց Ղուկաս աղա, դողդղալով այս անկեղծ, ճշմարիտ եւ անակնկալ խոստովանութեան առջեւ:

Ես ըսածս գիտեմ, շարունակեց վաճառականը, ոճիրնիս սկսինք քաւել ուրեմն…

Եւ բացաւ թուղթին կտորը:

Ղուկա՛ս, աւելցուց, մտիկ ըրէ՛. դուն քիչ-շատ իմ մեղսակիցս ես, իմ սիրելիներս մէկիկ մէկիկ դուն գերեզման իջեցուցիր, մտիկ ըրէ՛ ուրեմն, խի՛ղճդ թող խօսի այս անգամ:

Եւ կարդաց.

«Հինգ հարիւր ոսկի կուտամ Պոլսոյ տասը եկեղեցիներու, իբրեւ մոմագին»:

«Երկու հարիւր ոսկի Ք… գիւղի գերեզմանատան` պատին շինութեան համար»:

«Հարիւրական ոսկի Պոլսոյ չորս եկեղեցիներու` մեռելներուս հոգուն տարին երկու անգամ պատարագի համար»:

«Չորս հարիւր ոսկի` մեռելներուս նոր գերեզմանաքարեր շինելու համար»:

Կոպեռնիկոս էֆ. գործակատարին նայեցաւ։ Աչքերը կը նշուլէին ջինջ ու անապական հոգիի մը ճառագայթումով:

Բաւակա՞ն է այս քաւութիւնը, Ղուկա՛ս, հարցուց Կոպեռնիկոս էֆ. թուղթը ծալլելով:

Շա՜տ է պիլէ, - պատասխանեց գործակատարը` դողդոջ մատուըներովը քունքին մազերը տափակցնելէն…