Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՒԾԱԽՏԱՒՈՐԸ

Ա.

Երբ խռպոտ ձայնով գիշեր բարի ընելէն ետք գինետունէն դուրս կ՚ելլէր նաւավար Պետիկը, ժամը գիշերուան երեքն էր, եւ անձրեւը կը տեղար յուսահատեցուցիչ սաստկութեամբ:

Բէ՛հ, ի՛նչ ըսեմ ասանկ խաֆային, մռլտաց կթոտ քայլեր առնել սկսելով եւ գլուխը ծռած անձրեւին ուժգնաբախ կայլակներուն տակ, շէմշիէն խայըխը մոռցայ… հը, մեր գործը ասանկ էկեր է, ասանկ կ՚երթայ:

Քայլ մը հեռուն չտեսնելու աստիճան մութ կը տիրէր, մութ՝ որուն ահարկութիւնն աւելի կը սաստկանար տեղատարափին համատարած սարսռալի շառաչէն եւ փողոցներուն քարայատակներէն վազող հեղեղներուն խուլ աղմուկէն:

Այդ խօսքէն ետք ա՛լ բառ մը չարտասանեց հէք նաւավարը, որ ջուրի վրայ մեծցած եւ անով սնած ըլլալով` տեսակ մը յարգանք կը տածէր անոր նկատմամբ, թէեւ այս անգամ անձրեւի ոչ շատ ախորժելի երեւոյթին տակ ներկայանար իրեն ջուրը:

Քառորդէն աւելի շարունակ քալեց` օխա մը հաց բազուկին տակ, աչուըները քսկռտելով թաց, ցեխոտ սալարկին վրայ, տքալով, խժալով: Վերջապէս կեցաւ, սփոփանքի հեւոտ լայն հառաչանք մը դուրս թռաւ անոր տանջուող կուրծքէն, եւ ձեռքը երկնցնելով բռնեց դրան մը ուռնակը, պահ մը կռթնեցաւ անոր վրայ խոնջէնքի անհնարին թափով մը եւ յետոյ զարկաւ:

Տունը, որուն դուռը կը զարնէր նաւավար Պետիկ, ցած, շատ ցած տուն մըն էր, այնքան ցած, որ պիտի կարծուէր, որ այդ սաստկաւազ անձրեւին տակ պիտի կքէր, գետնին փակէր, կաթուածահար մարդու մը պէս, որ կը տապալի հանկարծ անշշուկ, անշշունջ: Օ՛հ, ի՛նչ հանգիստ էր Պետիկ այնտեղ, բարերար ուռնակին կռթնած, անոր վրայ թափելով այն օրուան, թերեւս իր կեանքի բոլոր օրերուն բովանդակ խոնջէնքը, հաւաքուած յոգնութիւնը բոլոր: Իր ամէն քաշածներէն ետքը անհունապէս սփոփարար էր այդ ուռնակը, որուն սառուցիկ հպումը մխիթարութեան պէս բան մը կը ներշնչէր Պետիկին. միտքէն կ՚անցնէր, որ մինչեւ առտու չբանային դուռը, ու ինքը մնար հոն, օխա մը հացն անութին տակ, ճակատը դրան տախտակին կրթնցուցած, երկու ձեռքով ուռնակը բռնած, անձրեւն ուտելով կռնակին, անոր պաղ պարուրանքին մէջ անզգայ, չքացեալ, ցնորական անուրջի մը հեշտանքովը երջանիկ, միսի եւ զգացումի բրտացումով մը անշնչացած:

Իր այս մոլորագին մտածումները մէկէն ի մէկ ցնդեցան, անյայտացան ներսէն եկող տկար, թոյլ, հիւանդոտ ձայնէ մը, որ կը պոռար.

Աղապա՛, դո՞ւն էս:

Հեշտաբոյր երազէ մը ե՛տքն ինչ ազդեցութիւն որ կ՚ընէ ուժգին ապտակ մը մարդուս այտին վրայ, նոյն ազդեցութիւնն ըրաւ այս ձայնն հէք Պետիկին վրայ: Հեղ մը հազաց, վասնզի կոկորդն յանկարծ ուռած էր, խոշոր շունչ մը առաւ:

Եւ յետոյ ըսաւ.

էս եմ, Աննիկ, էս եմ, պա՛ց:

Ոտքի ձայն մը լսուեցաւ ներսէն, որուն կը խառնուէր տաքացում մը: Քիչ յետոյ դուռը բացուեցաւ, ներս մտաւ Պետիկ քիչ մը ծռելով գլուխն, ու դուռը գոցեց:

Մխացող կանթեղ մը տարտամ դողդոջ լոյս մը կը տարածէր ցած ձեղունին վրայ, որուն սեւ, մգլոտ յեցակները սարդի ոստայններով ծածկուած էին, փլփլկած պատին վրայ, ուր անձրեւին ջուրը առուակներ կազմած էր: Բա՛ն մը որոշ չէր տեսնուէր հոն, տրտմութիւն մը, տխրութիւն մը կը տիրէր, որ աւելի կը շեշտուէր վտիտ, չորցած, ծուռիկ-մուռիկ մարմնի մը երերուն սրսփացող ստուերէն:

Աղապա՛, ուշ մնացիր այս գիշեր:

Գործ ունէի, աղջիկս, ա՛ռ սա հացը. խըյախ թրջած էմ, մարըդ վո՞ւր է:

Աննիկ պիտի պատասխանէր, բայց չոր, խուլ հազ մը կոկորդին մէջ բռնեց խօսքը. օհ, տխուր, մահաշշուկ հազ մըն էր այդ, որ կը չարչրկէր խեղճի նիհար հատած կուրծքը, հազաց ու հազաց, յետոյ հեծիւն մը արձակեց:

Մարըս քէօշէի պախալին գնաց քսան փարայի պանիր առնելու:

Նաւավար Պետիկ, որուն դէմքը հիմակ կ՚երեւէր լոյսին մէջ կծկուած, թմթռկած, յիսուն տարեկանին մօտ մարդ մըն էր, կունտ կռնակով, վտիտ ուսերով, անփայլ, կլոր աչուըներով, որուն մէջ կարծես միշտ արցունքի մը թացութիւն կար: Ծռեցաւ, ոտնամաններն հանեց, որք լխպիկ եղած էին, ու երեւան ելան առանց գուլպայի անոր կարմրած ոտքերը: Նոյն պահուն դուռը զարնուելով Պետիկը բացաւ:

Գլուխը սեւ փետռտուած շալ մը, ծըւիկ ծըւիկ չփակ մը, բաց գոյն շրջազգեստ մը, մէկ ոտքը լաստիկ, միւս ոտքը հին կօշիկ. այս կերպարանքով ներս մտաւ Հոռոփ հանըմ, Աննիկին մայրը ու Պետիկին ամուսինը:

Աննի՛կ, խանտիլը առ տէ ներս էրթանք, ըսաւ, լալու մօտ ձայնով մը:

Երեքն ի միասին մութ անկիւն մը դարձան, դուռ մը հրեցին. բայց սաստիկ, աւելի աղիողորմ բոլոր մարմնովը դողդղաց, կանթեղն ընկաւ ձեռքէն տախտակամածի վրայ ու մարեցաւ:

Վա՛յ, աչքդ չելլայ հէմէն, աղջիկ, ի՞նչ ըրիր:

Աննիկը կը հազար:

Պաշխայ եաղ ունի՞նք, Հոռոփ, հարցուց Պետիկ:

Չէ, հատաւ:

Անանկ է նէ, հէմէն պառկինք:

Հաց չկերա՞ծ:

Ես անօթի չեմ, դուք կերէք:

Մութին մէջ նստեցան, անձրեւը կը շարունակէր իր մոլեգին էջքը, կը ծածկէր պատուհանի ապակիները իր վայրենի ժխորին մէջ անհետացնելով Հոռոփ հանըմին մէկ անէծքը, Պետիկին մէկ յիշոցն ու Աննիկին մէկ հեծիւնը:

Պանիրը առի՞ր, տուտու:

էրկու լուսը քէօռնայ, վէրէսիէ չտուաւ:

Անանկ է նէ, սա ցամաք հացէն կ՚ուտենք քիչ մը:

Խաւարին մէջ շարժում մը տեղի ունեցաւ. Հոռոփ հանըմին չոր մատները թրջուած հացին մէջ մխուեցան զայրույթի ջղաձգութեամբ մը, բզկտեցին զայն եւ յետոյ քանի մը կտորներ կարկառեցին Աննիկին, որ սկսաւ սովալլուկի պէս ծամել այդ անմարսելի խմորը, ի ներքուստ ուրախանալով տիրող մութին վրայ, որ կը ծածկէր իրենց սրտակտոր թշուառութիւնը եւ այն մոլեգնութիւնը, որով հացին բեկորները կը ծամէր ու կը կլլէր:

Ճաշէն ետքը, մայր ու աղջիկ երկնցան տափակ անկողնի մը վրայ, որ միշտ փռուած կը մնար՝ իբր բազմոց ծառայելով ցերեկները:

Պետիկ արդէն կը քնանար` կուրծքին տակ անհուն խժոցով մը:

Աննիկ մինչեւ առտու հազաց անձրեւին հետ, որ մինչեւ առտու տեղաց անդուլ, անդադրում:

Բ.

Ամէն առտու, լոյսը ճեղքուելէն առաջ կ՚ելնէր Պետիկ, բայց որովհետեւ այն առտու կանթեղ չիկար լուսաւորելու համար մութն, որ կը տիրէր սենեակին մէջ, ստիպուեցաւ երկնքին լուսապայծառ վիթխարի կանթեղին սպասել, որ չուշացաւ իր աներեւոյթ ճառագայթները հեղուլ թանձրակուռ ամպերու կռնակին վրայ, մութ-գորշագոյնէն սպիտակ-գորշագոյնի փոխելով անոնց լայնատարած զանգուածը, ուսկից կը քաշուէին ջուրի անվերջ անսպառ թելեր:

Պետիկ չորս կողմը նայեցաւ. կինը անկողնէն դուրս նետած էր իր ոտքերը, կարմիր եւ վտիտ, մինչեւ ծունկը ցուցնելով իր ողորմելի սրունքները, գլուխը բարձէն վար ինկած էր սպիտակախառն մազերու խռուացեալ փունջի մը տակ կիսովին կորսուած, կիսախուփ շուրթերուն մէջէն երեւցնելով սեւ կոտրած ակռաներ` թանձր լորձունքով տոգորուն: Ատկից աւելի այլայլած եւ աւերեալ դէմք կարելի չէր երեւակայել. եթէ շնչառութիւնը չըլլար, մեռել մը պիտի կարծուէր, չարչրկուած, խոշտանգուած մարմին մըն էր թշուառութեան եւ անօթութեան սուր մագիլներուն մէջ, որոնք երթալով կը պրկուէին աւելի անողորմ, աւելի արիւնարբու: Եւ խե՜ղճ կինն հազիւ երեսունըհինգ տարու կար: Ծերացած էր:

Աղջիկը` տասնեւվեց տարու մանկամարդուհի մը, ուսերը բարձին վրայ հենած էր, կուրծքն, ուր բնաւ ուռեցք մը չէր երեւար, դէպի ներս քաշուած կարծես բռունցքի սոսկալի հարուածով մը. գլուխը դէպի ետ ինկած էր: Աչուըներուն շուրջը սեւ ծիր մը, ճակտին մէջտեղէն յոյժ թեթեւ խորշոմ մը, ռնգունքներուն ծայրայեղ բարակութիւնն ու քունքերուն նրբին մորթն, որուն տակէն երակները կ՚երեւէին կապոյտ պիծերով, կը յայտնէին, որ այդ հէք արարածն ա՛լ ինկած էր մութ ու կենսաւէր անծանօթին գիրկը: Ազնիւ, սիրուն դէմք մըն էր, որ սակայն հրապոյրէ աւելի արգահատանք կը ներշնչէր: Շնչառութիւնը շուտ-շուտ էր. հատնումի պէս բան մը: Պետիկին ակնարկը կանգ առած էր իր աղջկանը դէմքին վրայ, սիրտին խորունկէն երկար հառաչանք մը ելաւ, որ անհուն կսկիծի մը արտայայտութիւնն էր:

Զաւա՜լլը Աննիկս, մրմնջեց, աչքը սրբելով ձեռքին ետնակողմովը, ի՞նչ ունի, հիւանդ է, կէշ կէշ կը հազայ… աճա՞պ…

Յանկարծ վեր ցատկեց, չուզելով հրաշէկ սլաքի պէս ուղեղէն անցնող մտածումը բարձրաձայն ըսել. առ ահիւ, թէ կ'իմացուի:

Գետնէն վերցուց հացին կտորները, ու փշրանքները ժողվեց, փայտէ աթոռակի մը վրայ դրաւ: Այս միջոցին Հոռոփ հանըմ աչուըները բացաւ, ահաբեկեալ մանկիկի մը երկչոտ արտայայտութեամբը նայեցաւ էրկանն երեսը:

Տահա հո՞ս ես, Պետիկ:

Հիմակ էլայ, խանտիլը կոտրեր է աս գիշեր, ի՞նչ պիտի ընենք:

  Աստուած ողորմած է, մռլտաց Հոռոփ հանըմ… Ալիքսանին կ՚ըսենք, անիկայ ճար մը կ՚ընէ:

Խօսքն հազիւ աւարտած էր, դուռը զարնուեցաւ: Պետիկ դուրս վազեց եւ պահ մը ետքը ներս մտաւ երիտասարդի մը հետ:

Կորովի կազմով տղայ մըն էր, դեռաբոյս պեխերով, խռիւ խռիւ մազերով, որք ծոծրակէն վեր կը բարձրանային համաչափօրէն թուխ ֆէս մը բռնելով դէպի ձախ ականջը ծռած: Չուխայէ լայն տաբատ մը հագած էր, որուն ճերմակ գօտին կ՚երեւար ծալ ծալ քիչ մը մէջքն ի վար ձգուած, բան մը, որ աւելի մարտական ձեւ մը կուտար անոր: Բաճկոնը կարճ էր` թեւին ու կռնակին վրայ գեղեցկագոյն բանուածքներով:

Այս երիտասարդը Ալիքսանն էր, որ երկու երէք ամիսէ ի վեր կը յաճախէր Պետիկին տունը` իր դարպասն ընելու համար Աննիկին, զոր առնելու խօսք տուած էր անոր ծնողքին: Աղջիկը հաճութեամբ կը տեսնէր երիտասարդին այցերն ու անկեղծ սէր մը կապած էր անոր վրայ: Ալիքսանին արհեստը ձկնորսութիւն էր, որին մէջ կանխահաս ճարպիկութիւն մը ցոյց տուած էր: Ծովին վրայ չեղած ատեն ամէն առտու կամ իրիկուն կ՚այցելէր «իրեն»ին տունը, ամէն անգամուն բան մը տանելով հետը, վասնզի գիտէր անոնց խեղճութիւնը: Ծովին բիրտ կեանքովը սնած, մեծցած այդ կոշտ ու անհարթ երիտասարդը զարմանալի հեզութեամբ կը վարուէր Աննիկին հետ, եւ անոր պստիկ քմահաճոյքները կատարելու մեծ փութկոտութիւն ցոյց կուտար:

Ներս մտնելուն պէս, ձկնորսը ակնարկ մը նետեց Աննիկին վրայ եւ սոսկալի կերպով գունատուեցաւ:

Բարի լուս ձեզ, ըսաւ ցած ձայնով:

Յետոյ հարցուց.

Աննիկը հիւա՞նդ է:

Չէ, պան մը չունի, փութաց ըսել Հոռոփ հանըմ, գիշերը քիչ մը կը հազար կոր:

Նորէ՞ն կը հազար կոր:

Հա՛, իր ամէն հեղուան հազը:

Մանկամարդ աղջիկն յանկարծ ցնցուեցաւ անկողնին մէջ, գլուխը վեր առաւ աշխուժով ու աչուըները բանալով, երբ Ալիքսանը տեսաւ հոն, ամօթխածութեան շարժումով մը վերմակը վրան քաշեց:

Բարի լուս, Աննիկ, ըսաւ երիտասարդը,

Ասծու բարին, մըմնջեց աղջիկը, անմիջապէս սկսելով բարակ եւ չոր հազը, որ կարմրութիւն մը բերաւ անոր տժգոյն այտերուն վրայ:

Ալիքսանը պիշ պիշ անոր երեսը կը նայէր` քիչ մը գունաթափ, հասկնալ ուզելով, թէ ուսկից առաջ կուգար այդ գէշ հազը:

Մրսեցուցած ըլլալու է, մրմռաց:

է՛լ, Աննիկ, ըսաւ մայրը:

Չէ՛, ասօր չպիտի էլլամ, տուտու, ըռահաթսզ եմ:

Ալիքսան անկողնին մօտեցած էր եւ գորովազեղ աչուըներով կը զննէր իր նշանածին դէմքը, որուն վրայ մահուան տխուր թալուկ մըն էր պատած:

Աննիկ, քէֆսի՞զ ես:

Սանկ, քիչ մը:

Երիտասարդն ոտքի ելաւ եւ աչք մը ընելով Պետիկին, երկուքը մէկտեղ դուրս ելան:

Սա չէրյեէկով քիչ մը միս առ Աննիկին, ըսաւ քառորդ մը դնելով Պետիկին ձեռքը:

Օղջ ըլլաս, զաւակս, մէկ օրդ հազար ըլլայ:

Ալիքսան ուսերը թոթուեց, եէմէնիներն հագաւ ու դուրս ելաւ դռնէն մրմռալով.

Ա՜խ, աս հազը…

Պետիկ ճամփան կը մտածէր.

Աննիկին հազէ կեշ է, կիտեմ… ան հազը մեր կիտցած հազերէն չէ. մինչեւ առտու քիւթիւր քիւթիւր հազաց… վէրէ՞մ է աճապ. ան ի՞նչ էրէսի ըռէնկ է, խուվէթ տէրման չունի, զավալլը չօճուխս, քանի ամիս է, քի միսի էրէս տեսած չէ. անճախ հացի մը, թիւթիւնի մը, գիշերէ գիշեր երկու թեք ըռախիի բարա կը հանեմ կոր: Իմ վրաս ալ խուվէթ չէ մնացեր, քի առջի պէս աշխատիմ… ի՞նչ կ՚ըլլար, էյէր հիչ աշխարք եկած չրլլայի նէ… որո՞ւն բապուճն է իմ ապրիլս… հայտէ, էս ինչ է նէ, ըսենք, հապա զաւա՞կս, կնի՞կս, քի առջի օրէն մէկ աղէկ օրս չի տեսաւ… իրաւ որ ինծի անանկ կուգայ կոր, քի մեռնելէն աղէկ պան չիկայ…

Եւ գլուխը կախած, ճորճորալէն երերտկալէն կը քալէր Պետիկ, արցունք մը սրբելով, որ այտն ի վար երկար ակօս մը գծեց:

Գ.

Իրիկուան ժամը մէկին կամ երկուքին ատենները երբեք հետաքրքրութիւն ունեցա՞ծ էք նայիլ ձկնորսներու, նաւավարներու կամ ջրկիրներու գինետունէ մը ներս: Ուսումնասիրութեան ամենամեծ նիւթ մը կրնայ ըլլալ ժողովրդային ստորին դասուն այդ երեկոյեան հաւաքատեղին, կեանքի բանաստեղծութեան ամենէն վսեմ պատկերներն ու ամենէն սոսկալի երեւոյթները ի հանդէս կուգան հոն:

Ձմրան սկիզբն է:

Հիւսիսային պաղ, անհամ հով մը կը փչէ` քանի մը օր առաջ անձրեւէն թրջած գետինները չորցնելով իր ուռուցիկ շունչովը:

Գինետունին ներսը ցած ձեղունով եւ հողէ գետինով քառակուսի տեղ մը, երկու աղօտափայլ լամպարներու արձակած տարտամ լոյսի մէջ, փայտէ սեղաններու առջեւ նստած կ՚երեւին հինգ վեց ձկնորսներ կամ նաւավարներ, ամէնուն ալ երեսը մռայլոտ, ամէնուն ալ աչուըները աղետալի փայլով մը շողշողուն. երբեմն ամէնքն ի միասին կը լռեն` խորունկ մտածումով համակուած, երբեմն ամէնքն ի միասին կը խօսակցին, յոգնատանջ կուրծքերէ ելնող խռպոտ ձայներու խառնիխուռն աղմուկ մը եւ ժողովրդային գողտրիկ առածներով զարդարուն կամ սոսկալի հայհոյանքներով համեմեալ խօսակցութիւն մը, որ դուրսէն լսողին համար բան մը չի նշանակէր, այլ, որ գերազանց կարեւորութիւն ունի յաչս այդ մարդոց:

Մէկը միայն չի մասնակցիր ընդհանուր խօսակցութեան: Ամենէն մութ անկիւնը քաշուած է, քիչ մը օղի ունենալով իր առջեւի սեղանին վրայ, ֆէսը մինչեւ յօնքերն իջեցուցած, տխուր եւ կսկծոտ դէմքով:

Ալիքսանն է:

Հինգ վայրկեանն անգամ մը ձեռքի յուսահատական շարժումով մը օղիին գաւաթը բերնին կը տանի եւ պարունակութիւնն անյագօրէն կը կլլէ` առանց դէմքը փոքր ինչ ծռմռտկելու:

Երբեմն կը բանայ բերանը, կարծես մեծագոչ աղաղակ մը արձակելու համար, սակայն երեք խուլ խորդիւններ միայն կ՚ելնեն անկից.

Ա՛խ, ա՛խ, ա՛խ:

Յետոյ նորէն կը թաղուի մտածումներու ովկիանին մէջ, աչքը գոց, ձեռքը ծնօտին դրած:

Խե՜ղճ տղայ:

Նիհարցած է, այտերը տժգունած են, աչուըները փոսցած, մազերը երկայն են եւ, փոքր ֆէսին տակէն դուրս կը թափթփին խոշոր ոլորքներով: Զգեստները նոյն խնամքով յարդարուած չեն ալ հիմակ, օձիքը իւղոտած է, շապիկն աղտոտ է, գօտին անկանոն կերպով փաթթուած մէջքին:

Ու կը խմէ, ու կը խմէ, երբեմն միայն սա երեք հառաչներն արձակելով, որք հոգիին մէջ գոռացող փոթորիկին հեռաւոր արձագանքն են:

Ա՛խ, ա՛խ, ա՛խ:

Օղին հատած էր. սեղանին զարկաւ իր խոշոր կարշնեղ ձեռքը եւ լեցնել տուաւ շիշը:

Ալիքսանը աս գիշեր ի՞նչ ունի, կը փսփսային քանի մը ձկնորսներ, որք գիտէին, թէ անիկայ ուրախ զուարթ կատակախօս տղայ մըն էր:

Եթէ գիտնային, թէ ի՜նչ ունէր…

Ի՜նչ ունիմ մի՜, կը մտածէր հէք երիտասարդը, ի՜նչ ունիմ մի՜, հը՛, էյէր քի կիտայի՛ք իմին ինչ ունենալս, կուլայիք պէ՛, քարը պիլէ տեղէն կ՚երերար. ա՜խ, Աննիկս, աղուոր Աննիկս, զաւալլը Աննիկս, ես քէնէ` նա՞սը պիտի զատուիմ… ճիյէրս պիտի քաշեն հանեն, տանին թաղեն… ճիյէրէս ալ էվէլ, հոգիս պէ՛… իրաւ որ օսանմիշ էղայ աս աշխարքէն… Ասված այս աշխարքը շիներ է, քի մեզիպէսները չարչարուին… որի՞ն հոգն է հատեր, քի ես Աննիկին հետ նշանուած եմ, խըեախ կը սիրեմ անիկա, անիկա ինծի կը սիրէ, ամա ծանր հիւանդ է. որի՞ն հոգն է հատեր, քի փարան չիկայ, հէքիմ չիկայ, իլաճ չիկայ, որի՞ն փապուճն է… հիմա ճար մը, փարա ձեռք ձգելու ճար մը… պէլքի հէքիմ մը բերենք նէ, իլաճ մը կուտայ տէ պաշխայ թիւրլիւ պան մը կ՚ըլլայ, է՜յ, ի՜նչ գիտենք, պէլքի մեր ըսածը չէ… ամա անտար փարա վուրկէ՞ կտնալու է…

Հէք երիտասարդը` ճակատը ձեռքին մէջ առած կ՚անճըռէր, կը շփէր, արիւնացայտ աչուըները կատաղօրէն յառած օղիի շիշին վրայ:

Մոլեգին կռիւ մը տեղի կ՚ունենար անոր բորբոքած ուղեղին մէջ, հոգեվարքի մը ճգնաժամին պէս մահահամբոյր բան մը, որ եթէ գոհացուցիչ ելքի մը չյանգէր, յիմարութիւնն անխուսափելի պիտի ըլլար:

Յանկարծ ձեռքն ասդին առաւ ճակտէն, ուրախութեան փայլակ մը շողաց աչուըներուն մէջ, ժպիտ մը սահեցաւ հաստ շուրթերուն վրայէն. եւ, օղիին շիշը, որ տակաւին լեցուն էր, բերնին դնելուն պէս, վայրագ շունչով մը կծու հեղուկն ի մի ումպ կուլ տուաւ: Արեան ալիք մը խուժեց անոր դէմքին վրայ, քունքերուն երակներն ընդլայնեցան պայթելու աստիճան, ելաւ կայնեցաւ հախուռն թափով մը, եւ գինետունին մէջ գտնուողները զարմացումով տեսան անոր խոշոր իրանին կայծակի արագութեամբ անցնիլն ու դուրսի մութին մէջ անհետիլն ի քթթել ական:

Ու՞ր կ՚երթար Ալիքսան. անողորմաբար խթուած ձիու մը մոլեշունչ արշաւով, իր երկար սրունքներովը լափելով փողոցնե՛րն, ուր հովը կսուլէր, կը թնդար մահաշշուկ: Հինգ վայրկեան ետքը երիտասարդ ձկնորսը ծովեզրը կը գտնուէր, խարխուլ տնակի մը առջեւ, ուր առաջին անգամ պահ մը կանգ առաւ շնչասպառ, խոնջ, ձեռքը ճակտին տարաւ, ինքզինքը ծովը նետելու պատրաստուող մարդու մը պէս, որ վերջին վայրկեանին գերագոյն վարանում մը կ՚ունենայ:

Չէ՛, չըլլար, մրմռաց, Աննիկը ազատելու է:

Եւ ուսի հարուածով մը տեղէն հանեց դուռը, ներս մտաւ, լուցկիով մը վառեց հոն գտնուած լապտէր մը, որուն լոյսով երեւան ելաւ այդ հիւղակին ներքին կողմը: Տախտակորմերուն վրայ շուրջանակի կախուած էին ուռկաններ, ցանցեր եւ խոշոր կարթեր: Ալիքսան տենդոտ ձեռքով վար առաւ ուռկանները, որք ահագին կոյտ մը կազմեցին, չուանով մը կապեց զանոնք, դուրս հանեց, դուռը գոցեց եւ յետոյ կռնակը զարնելով ուռկաններու խոշոր կապոցը, ճամփայ ելաւ` գողի մը պէս պատերուն ու տուներուն տակէն երթալով:

Դ.

Կանթեղն աթոռակին վրայ կը պլպլար խցին անկիւնը, հազիւ երեւան հանելով ապակիներուն փակչած ձիւնն, որ սկսած էր առատօրէն տեղալ։ Գետնատարած անկողնին վրայ պառկած էր Աննիկ, հիմակ ալ կմախք մը դարձած բոլորովին, վերմակին ծալերուն տակէն հազիւ հազ զգացնելով մարմնին գոյութիւնը. աչուըները գոց էին, բերանը կիսաբաց, ուսկից թեթեւ շունչ մը դուրս կ՚ելնէր` հոգեւարի մը հեւքին պէս շուտ-շուտ եւ անկանոն: Անկողնին ոտքը կծկուած բան մը կ՚երեւար. Հոռոփ հանըմն էր, որ գլուխն երկու ուսերուն մէջ խրած, դէմքը ձեռներուն մէջ, շարժում մը չէր ըներ, կարծես անշնչացած: Անդին, անկիւնը նստած էր Ալիքսանը, որուն դէմքին վրայ հանդարտութիւն մը, խղճի անդորրութիւն մը կը նշմարուէր, սակայն։ Ծալապատիկ նստած էր եւ շարունակ պեխը կը խածատէր, մերթ գլուխը վեր առնելով կը նայէր հիւանդին, եւ անլռելի հառաչ մը արձակելով նորէն պեխը ձեռք կ՚առնէր:

Հոռոփ հանըմ գլուխը ցցեց մէկէն ի մէկ, Ալիքսանին նայելով.

Իլաճին վախտը եկաւ՞ աճապ, հարցուց նուաղկոտ ձայնով:

Եկած ըլլալու է, պատասխանեց երիտասարդը հուսահատ շարժումով մը:

Հոռոփ հանըմ տքալով ոտքի ելաւ աթոռակին վրայէն, շիշ մը եւ դգալ մը առաւ եւ հիւանդին քով մօտեցաւ զգոյշ քայլերով:

Աննի՛կ, Աննի՛կ, կանչեց:

Հիւանդը ձայն ձուն չհանեց. թարթիչներն երերցուց, աչքը քթթելով, եւ բերանը քիչ մըն ալ բացաւ: Վշտակոծ մայրը` շիշին միջի հեղուկէն դգալ մը լեցուց անոր բերնէն վար: Աննիկ սարսռաց, պահ մը բացաւ աչուըները` խոշոր ու տարտամ, եւ երկար շունչ մը առնելով, նորէն գոցեց զանոնք:

Այդ օրը Ալիքսան բժիշկ մը բերած էր հետը. անոր այցելագինը վճարած էր եւ դեղերն ալ գնած:

Ալ՝ խիղճին վրայ բեռ չունէր խեղճ տղան:

Պետիկը՞ վուր մնաց, մրմնջեց Հոռոփ հանըմ, ակնարկ մը նետելով պատուհանէն դուրս:

Լռութիւն տիրեց: Ապակիին վրան ձիւնին հատիկներուն թփռտուքը կը լսուէր միայն: Պատուհանին փեղկերէն մին, որ ամուր չէր գոցուած, կամաց մը բացուեցաւ կիսովին եւ ձիւնին ճերմակ հատիկներն սկսան ներս ցատքել եւ անկողնին վրայ իյնալ:

Աննիկ, որ նուաղած կ՚երեւէր, մէկէն ի մէկ բացաւ աչուըները խոշոր խոշոր, թեւերն ու սրունքները երերցուց անկողնին մէջ ջղաձգօրէն, բերանը մէկ քանի անգամ բացաւ գոցեց, մարմինը ցնցուեցաւ, ուժգնօրէն ու թեթեւ հեծիւն մը արձակելէ ետք, աչուըները փակեց:

Աննիկ մեռած էր:

Հոռոփ հանըմ վեր ցատկեց նստած տեղէն, վասնզի տեսած էր աղջկանը սաստիկ տագնապը եւ յեղակարծ անշարժութիւնը, բազուկները բացաւ եւ անկողնին վրայ վազեց`

Օրտտի՜ս, գոչելով աղիողորմ ձայնով:

Ու անկողնին վրայ ինկաւ:

Ալիքսան ոտքի ելած էր, դալկադէմ, բերանը կծկուած, աչուըները սոսկումէ եւ անբացատրելի կսկիծէ դուրս ցցուած, քայլ մը պիտի առնէր դէպք առաջ, երբ փողոցին դուռը զարնուեցաւ ուժգնութեամբ, կրկին եւ կրկին անգամ զարնուեցաւ. երիտասարդն, իր անհուն վշտին մէջ խելայեղ երկու ձեռքով գլուխը բռնեց, դուրս ելաւ խցիկէն ու փողոցին դուռը բացաւ: Մարդ մը դիմացն ելաւ, հարցուց իրեն.

Ալիքսանը տո՛ւն էս:

էս եմ, հազիւ կրցաւ ըսել խեղճ տղան:

Անանկ է նէ առջեւս ինկիր, կո՛ղ շուն, աղերը կողծողը տուն էս էղեր, տուրս նայէ:

Ալիքսան, ափիբերան, դուրս նայելով` քանի մը համազգեստաւոր մարդեր տեսաւ, որք դրան քովը կը սպասէին:

Պիտի պռնէ՞ք ինծի, հարցուց:

Հիմակ, հատէ քալէ:

Ալիքսան ներս վազեց` մոլորուն քայլերով, խցիկը մտաւ, ասդին քշեց խեղճ մայրը, որ կը հեծեծէր, մէկդի նետեց անկողնին վերմակը, բռնեց Աննիկին փայտացած մարմինը ուսերէն, երկու անգամ համբուրեց անոր սառեցած նիհար այտերն, յետոյ վար դրաւ:

Հիմա՛կ, ըսաւ խուլ եւ հանդիսաւոր ձայնով մը եւ մէջքին գօտիէն երկար դաշոյն մը դուրս հանեց, բացաւ շապիկն, որուն տակէն երեւան ելաւ անոր մազոտ լայն կուրծքը, զէնքը բռնեց երկու ձեռքովն ու բոլոր ուժովը ներս հրեց. դաշոյնը մինչեւ կոթն անհետ եղաւ կուրծքին մէջ:

Ալիքսան անկողնին մէջ փռուեցաւ, ինկաւ մեռելին քով` երկար հեծիւն մը բառնալով կոկորդէն, մինչեւ Հոռոփ հանըմ սոսկալի աղաղակ մը կ՚արձակէր եւ ձիւնին հատիկներն ալ, հովէն մղուելով, կը ծածկէին Աննիկին ու Ալիքսանին ալ մեռելատիպ դէմքերը կանթեղին աղօտ ու տարտամ լույսին մէջ:

«Արեւելք», 9, 10, 11 Դեկտեմբեր, 1892։