Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՊՈՒԿԸ

Մութն ի լուսուն կուգար, սեւ պատռտած շրջազգեստին տակէն կախած մուրացկանի տոպրակը, որ աջ կուշտին վրայ ահագին ուռ մը կը ձեւացնէր: Գլուխը կը պլշէր հնութենէն գունատած շալ մը, որուն երկու ծայրերը վզէն անցնելով խաչաձեւ կոկորդին վրայ խոշոր կապ մը կը յօրինէին: Ոտուըներն առանց գուլպայի, կ՚անցնէին ծանր, լայն ու երկար ոտնամաններու մէջ, որք ծուիկ-ծուիկ եղած շրջազգեստին տակէն ամէն մէկ քայլափոխի յաջորդաբար կ՚երեւային, եւ որոնց վրայ սեւեռուած էին յարաժամ իր կլոր, հիւծուած եւ անփայլ աչուըները` քալած ատեն: Աջ բազուկին տակ կը սեղմէր լաթի թանձր կտոր մը չորսի ծալուած, որ հաւանօրէն իր մինտէրն էր` հազարավոր կարկտաններով ծածկուած: Գաւազան մըն ալ ունէր ծայրը թեթեւակի կոր եւ ձեռաց շփումէն աղտոտած: Ի մի բան, քուրջերու մէջ պլլուած փաթթուած ողորմ զանգուած մըն էր, գթութիւն եւ արգահատութիւն հրաւիրող, որուն տեսքը այնքան կ՚ազդէ վրադ, որ գիշերն երազիդ մէջ երբ տեսնես զայն արհաւրալից ընդոստում մը կ՚ունենաս:

Ու կ՚երթար կը մտնէր եկեղեցուն դռնէն ներս, ձախ կողմը գտնուած անկիւնը կ՚ուղղուէր, եւ հոն, տխուր կիսաստուերին մէջ, կը փռէր իր մինտէրն, ոտնամանները կը հանէր, ինքն իր վրայ կը կծկէր` գլուխն ուսերուն մէջ քաշած ու բազուկները կուրծքին վրայ ծալած: Շուրթերն, որք ակռաներու բացակայութենէն ներս քաշուած էին` քթին եւ թուշին կիսաշրջանակի ձեւ մը տալով, աղօթք մը կը մրթմրթային, դողդոջ ձեռքով խաչի պէս բան մը կը հանէր, եւ ապա աղտոտ լաթ մը փռելով առջեւը` կը սկսէր մուրալ… Խորհրդաւոր, միանգամայն արգահատելի էր այդ վաղեմի կնկան վիճակը` ուսկի՞ց կուգար, ի՞նչ էր անունը, ո՛չ ոք գիտէր, «պապուկ» կը յորջորջէին զայն. ամէն առտու իր այդ յաւիտենապէս միօրինակ կերպարանքովը, շարժումովը, քալուածքովն ու ոտնամաններովը կը դառնար փողոցին անկիւնէն եւ կը քաշուէր եկեղեցւոյ դրան այն մութ անկիւնը, ուր կը մուրար: Եկեղեցի յաճախող ջերմեռանդներէն շատ քիչեր՝ այդ տխուր ու մռայլոտ մուրացիկին վրայ ի գութ շարժելով` տասնոց մը կը նետէին լաթի վրայ, ուր կ՚երկննար անմիջապէս պապուկին չոր, կռնծած ու երակներով ծածկուած ձեռքը, ու ցնցոտիներուն մէջ աներեւոյթ կ՚ընէր դրամը. ողորմութիւն տուողին երեսը չէր նայէր, միայն, երբ տասնոց մը գար արատ մը յօրինել թուխ լաթին վրայ, շուրթերը կ՚երերային, իբր միակ նշան շնորհակալութեան:

Բայց ո՜վ զարմանալեաց, ահա գլուխը վեր կ՚առնէ, աչուըները, մարած ու մթին աչուըները յանկարծուստ փայլակ մը կ՚արձակեն, կծկեալ դէմքը կը մեղմանայ, կը թուլնայ, կ՚անուշնայ, եւ… ժպիտ մը, անակնկալ ժպիտ մը շուրթերը կը կծկէ, ձեռքը կ՚երկնցնէ աշխուժով դէպ այն անձը, որ տասնոց մը կը դնէր հոն: Յետոյ մարդը կը հեռանայ, կը հեռանան ժպիտն ու զուարթ արտայայտութիւնը, մռայլը կը պատէ վերստին եւ գլուխը կ'իյնայ կուրծքին վրայ անշարժ ու տխրահամակ` ինչպէս էր առաջ:

Ո՞վ էր այդ մարդը:

Ամէն առաւօտ, ժամը ճիշտ երկուքին, այլանդակ սիլուէդ մը կ՚անցնէր եկեղեցիին փողոցէն, կռնակին վրայ խոշորկեկ սապատով, անութին տակ անբաժանելի հինցած հովանոցով, խոտորնակ նայուածքով, իւղոտ ֆէսով, պատռտած ու գունաթափ զգեստներով, խորշոմեալ դէմքով եւ ահագին կիսակօշիկներով: Շատ բաներ կը պատմուէին վրան, իբր թէ երիտասարդութեանը շռնդալից ու ցոփ կեանք վարած էր, թէ մեծ հարստութիւն մսխած էր, թէ գեղեցիկ էր, թէ սիրային արկածներ ունեցած էր, թէ… եւ երբ մտածուի, որ այս ամէնը անցեալը կը կազմէին այն անձին, որ այժմ իր անհեթեթ ու տխեղծ կերպարանքովս եւեթ կը ներկայանար մեզ, այդ ամէնն ուրիշ բան չէին թուեր, եթէ ոչ առասպելներ կամ առեղծուածներ, վարպետորդիներէ կամ ընդվայրացածներէ յերիւրուած: Բարեսիրտները «մարդուկ» կ՚անուանէին զայն, իսկ չարաճճիները «խամպուռ»: Կ՚երեւէր նա փողոցին ծայրէն, կուզը տնկած, խոտորնակ նայուածքը մէկ կէտի վրայ յառած եւ ծանր ոտնամաններովը սալարկին վրայ անախորժ ժխոր մը հանելով. ու կը մօտենար եկեղեցւոյն դրանը, յանկարծ բիրտ ու արագ շարժմամբ մը ձեռքը ծոցը կը խոթէր, եւ աշխուժիւ ներս մտնելով` կը մօտենար մուրացիկին ու տասնոց մը կը դնէր անոր դողդողացող ձեռքին մէջ: Սրտաշարժ բան էր տեսնել այդ երկու խղճուկ եւ թառամած էակներու միմեանց հանդիպումէն առաջ եկած վայրկենական ոգեւորութիւնն ու վաղանցուկ տագնապը. ի՞նչ ունէին, միթէ կը զգայի՞ն, միթէ հրապուրուա՞ծ էին իրարմէ, միթէ կը սիրէի՞ն զիրար, սէր այդ տարիքին մէջ, ուր արիւնը սառած, զգացումները չքացած, խանդ ու աւիւն յաւէտ կորած են, եւ սակայն ուրիշ ի՞նչ մեկնութիւն տալ վատացած կեանքի այդ անակնկալ հուրքին, այդ երիտասարդական բորբոքման:

Եկեղեցւոյն դուռը փակուելու պահուն, պապուկը կը մէկնէր կորաքամակ, մութը կ՚իջնէր, անսահման սեւ վարագոյրի պէս ծածկելով տաճարին վեհաշուք եւ հսկայակերտ իրանը, վերջին անցորդներու ոտքին ձայնը լռութեան մէջ կ՚անհետէր, մուէզինն իր եաթսըին հետ երկիւղած հառաչը կ՚ուղղէր դէպի երկինք, ու ամէն մեքենական ու յարանման արարողութիւններէն ետք, երբ մէկը գտնուէր եկեղեցւոյն մօտ, պիտի լսէր ոտից դանդաղ բրդուք մը, որ համատարած լռութեան հետ կարծես կը խաղար՝ հրճուանք զգալով զայն վրդովելուն: Մութին մէջէն կ՚առաջանար ստուեր մը… մարդո՜ւկը, կը մօտենայ հաստակառոյց երկաթապատ դրան, վեր կ՚առնէ իր գետնայած ակնարկն ու կը նայի. երկու վայրկեան կը մնայ այդպէս, արձանացեա՜լ, հոգոց մը կը հանէ, կը դառնայ յանկարծ, հովանոցը կը տեղաւորէ անութին տակ, կուզը կ՚երերցնէ անգամ մը ու կանթեղին դեղնաշուրթ լույսին մէջ կ՚երթայ, կ՚անհետի:

Ամէն օր այս մթին ու խորհրդաւոր գործողութիւնները կը կատարուէին մեքենական ճշտութեամբ եւ անվհատ միօրինակութեամբ. մոլեգին բան մը կար այդ անծանօթ ծերունուն անսովոր ընթացքին մէջ, մոլեգնութիւն որ եւս առավել ահաւոր կը դառնար իր արտաքին հանդարտիկ երեւույթովը ու անզգած դէմքովը խուլ, կատաղի բան մը կ՚ելեւէջէր, կը պտուտքէր անոր մէջ, չեմ գիտէր ինչ, այլանդակ սէր մը, ծերութեան վայրագ քմահաճոյք մը, հեշտախտային այն մոլեգին գրգռումներէ մին, զոր ո՛չ մէկ կերպով կարելի է բացայայտել:

Ձմրան սառնաշունչ օր մըն էր, բնութիւնն զգեստաւորուած էր ձիւնեղէն սպիտակ հանդերձով ու մթնոլորտին մէջ, ուր սաստիկ հով կար, ձիւնի առկախ ովկիան մը կը տարուբերէր: Շատ հաճելի բան չէր այդ օդին դուրս ելլել. իրաւ, բնութեան այս բանաստեղծական հանգամանքը տեսնել կ՚արժէ, բայց սենեակիդ պատուհանէն, երեսդ ու ձեռներդ կրակարանին տուած:

Ես այդ օդին տեսայ պապուկն, որ գաւազանին վրայ յենլով եւ մինչեւ ծունկերը ձիւնին մէջ թաղուելով` կ՚առաջանար կամաց կամաց եւ տքալով, գունդ ու կլոր իրանը ձիւնին վրայ, բաւական ուշագրաւ ու քիչ մըն ալ ծիծաղաշարժ ձեւ մը կ՚առնէր, կը դողա՜ր, կը սարսռա՜ր, բայց կ՚ուզեր երթալ, հո՛ն, անկիւնը` մի՛շտ, եթէ կրակ իսկ թափէր երկնքէն: Կէս ժամ ետք, միեւնոյն քայլերուն շաւիղին վրայէն ուրիշ մէկը կ՚առաջէր դէպի եկեղեցւոյն դուռը. «խամպուռն» էր, որ ստակը դնելով պապուկին ցրտասարսուռ ձեռքին մէջ, կը հեռանար կորագլուխ եւ խուն ինչ տխուր:

Երբ իրիկունը ժամկոչն եկաւ եկեղեցւոյն դուռը գոցելու, տեսաւ, որ պապուկն ինքն իր վրայ կքած մնացեր էր հոն: Անմիջապէս իմաց տուաւ միւս ժամկոչներուն ու քահանային, որք եկան, վերուցին հէք պառաւը, որ, արդարեւ մեռած էր այդ պաղ քարին վրայ լուռ ու մունջ: Աջ ձեռքին սեղմ մատներուն մէջէն տասնոց մը գտնուեցաւ: Դրացիներէն նուազ քարասիրտները, արգահատելով, եկեղեցի գնացին, արարողութիւնը սովորականէն կարճ տեւեց. տէրտէրն աղօթք մը լփրտեց ու ժամկոչներն ալ ուսերնուն վրայ նետելով ճաղն, ուր նետած էին մարմինը, գերեզմանատուն վազցուցին:

Մարդուկը, գիշերուան որոշեալ ժամուն, անցաւ դրան առջեւէն, ու աղէտին անգիտակ, դարձաւ, հոգւոցն հանեց եւ շտապով մեկնեցաւ: Առտուն, տոտիկ-տոտիկ եւ հանդարտ կերպարանքով մերձեցաւ եկեղեցւոյ դրան, եւ տասնոցն հանելով ներս մտաւ. քիչ մը սարսափած… պարապութենէն, զոր աչաց պատրանքի մը վերագրելով, մինչեւ անկիւնը գնաց. ի զո՜ւր, չիկար, հոն չէր, ոտուըները քսքրտեց, ձեռներովը պատը շօշափեց, խուլ հեծիւններ ելան կոկորդէն, դարձաւ, նորէն դարձաւ, եւ սրտակեղեք վերջին կաղկանձ մը արձակելով ինկաւ…

Եւ հիմակ, ամէն առաւօտ, նոյն ժամուն, սգաւոր ծերունին, որ ահռելի կերպով կը նիհարնայ եւ կուզը կը խոշորնայ, կը մտնէ եկեղեցւոյ դռնէն ներս ու անկիւնը, մութին մէջ, բան մը կ՚ընէ իսկոյն ու կը մեկնի:

Հետաքրքիր եղայ դիտել թշուառ մարդուն այդ շարժումները: Ծածկուեցայ անկիւն մը, ուսկից անկարելի էր երեւիլ, եւ տեսայ ծերունին, որ գաղտագողի ակնարկ մը նետելով չորս բոլորը, ծնրադրեց, գլուխն երկնցուց եւ սկսաւ տենչանօք պատը լզուըռտել:

«Արեւելք», 29 Մայիս 1891։