Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՒՍԱՀԱՏԻ ՄԸ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Սափորը ձախ ձեռքը, աջ ձեռքը կարճ հաստկեկ գաւազան մը, զոր ամէն մէկ քայլափոխին գետինը կը զարնէր` ամբողջ մարմինը գրեթէ անոր վրայ ձգելով, մեռելներուն ետեւէն կ՚երթար Պապա Յուսեփ, անոնց գերեզմանին վրայի հողը զովացնելու իր սափորին մէջի ջուրովը:

Երկար, մինչեւ թելերը մաշած վերարկու մը կը կաղապարէր անոր իրանը` թիկունքէն մինչեւ կրունկները, մէջքէն վար կռնակին կունտ ու կոր ձեւին պատճառով, փոթ փոթ իջնալով ու ցեխոտ ծուէններով վերջանալով: Թեւերն այնքան երկար էին, որ սափորին բերանը թեզանիքին մէջ կը ծածկուէր եւ գաւազանի ծայրն ալ չէր երեւնար, վասնզի մատները օր արեւ չէին տեսնէր բնաւ:

Վերարկուին երկու քղանցքները երբեք իրարու վրայ բերած չէին, ոչ թէ որովհետեւ անյիշատակ ժամանակէ ի վեր զրկուած էին կոճակէ, անոր համար մանաւանդ, որ Պապա Հուսեփ, սրտաճմլիկ անփութութեամբ մը, կուզէր ամառ ձմեռ բաց պահել իր կուրծքը, արեւէն խանձած թաւաստեւ կուրծք մը, որ անոր ամէն մէկ աղմկալի շնչառութեամբը կ՚ելլար կ՚իջնար ցաւալի հեւքով մը: Հետեւապէս իր դիմացը ելլողը վերարկուին բացուածքէն անպատճառ կը տեսնէր չուան մը, հողէն աւելի թուխ, որ չորս հինգ անգամ մը ոլորած էր անոր մէջքին շուրջը, գօտեպնդելով զայն կարծես ու իր գոյութիւնը անհրաժեշտ, կենսական պէտք մը դարձնելով անոր, Պապա Յուսեփին համար: Այս այն աղէտալի չուանն էր, զոր մեռելներու ջրկիրը մեղմ զգուշութեամբ մը եւ նեղացուցիչ ծանրութեամբ մը կը քակէր մէջքէն` դագաղները փոսին մէջ իջեցնելու համար, ու յետոյ նորէն կը պլլուէր անով` վերարկուին քղանցքովը ծայրէ ծայր մաքրելէ ետք զայն խնամով:

Գլուխը գոցուած էր ֆէսով մը, որուն գոյնը որոշելր շատ դժուար պիտի ըլլար, եւ որ իր նախնական կաղապարումը ձգելով առ յաւէտ` Պապա Հուսեփին գլխուն անշնորհք կաղապարումը առած էր վերջնապէս:

Բայց մեռելներու ջրկիրը եկեղեցի չէր երթար. ո՛հ, ոչ, բնաւ ոտք չէր կոխէր հոն. իր անփոփոխ բնակարանն էր գիշեր ցերեկ, փողոցի մը անկիւնի մթին սրճարանը, որուն առջեւէն անվրէպ կ՚անցնէին յուղարկաւորներու թափօրները: Ներսը, անկիւն մը կծկտած է Պապա Յուսեփ, ծխափայտին յորդ մուխերուն մէջ թաղուած, ցնորածի մը ապուշ եւ տարտամ նայուածքովը, երբ, մեռել մը անցած պահուն, ժամկոչը, կամ լուսարարը, բանալով սրճարանին դուռը կը պոռայ բիրտ ձայնով մը.

Պապա Յուսեփ, հա՛յտէ…

Մէկէն ի մէկ, պիծակէ մը խայթուածի պէս վեր կը թռչէ ջրկիրը, ակնթարթի մէջ կը մարէ ծխափայտը, ու խօլ աճապարանքով մը նստարանին տակէն կ՚առնէ սափորը, որ արդէն ջուրով լեցուն է` վերջին յուղարկաւորութենէն ի վեր, ու ինքզինքը դուրս կը նետէ սրճարանէն, հապշտապ հետեւելով թափօրին, իր գաւազանին ու քայլափոխին միանուագ աղմուկովը ու ջրալից սափորին մշտատեւ երերումովը:

Իր այդ սգալից զբաղումին մէջ անբացատրելի փութկոտութիւն մը եւ հոգածութիւն մը կը դնէր տարօրինակ ծերունին. կարծես սիրահարուած էր այդ արուեստին. անոր ամենէն զուարթ, գէթ անտրտում վայրկեանն էր նորաբաց գերեզմանի մը շուրջն անցուցած կարճ ժամանակը, ամէն բան լմննալէ ետք, յուղարկաւորներուն ցրուելէն ետք, ինքն ալ կը հեռանար` չուանը մաքրելէն ու սափօրէն մէջի ջուրը մինչեւ յետին կաթիլը քամելէ յետոյ քրքրուած հողին վրայ:

Ու կէս ժամ ետքը, նորէն իր նախկին դիրքն ունի Պապա Յուսեփ, սրճարանին անկիւնը, մէկ ծունկը վեր, ծխափայտին թխպոտ ամպիկներուն մէջ խաղցնելով իր աղօտ, մոլորուն աչքերը, սպասելով, անգիտակից անզգայութեամբ մը, որ դուռն յանկարծ նորէն բացուի եւ ժամկոչին թաւ ձայնը նորէն թնդայ.

Պապա Յուսեփ, հայտէ՛…

* * *

Բայց Պապա Յուսեփ, ասկից քսանըհինգ երեսուն տարի առաջ, հիմակուան մեր գիտցած Պապա Յուսեփը չէր եղեր, բոլորովին, հիմնովին տարբեր մարդ մըն էր եղեր:

Առոյգ, գեղեցիկ երիտասարդ մը, ինք կեանքին ժպտալով, կեանքն ալ իրեն. ամենէն ճարտար ու կորովի նաւավարն էր նաւամատոյցին. ոչ ոք սիրտ կ՚ընէր անոր հետ մրցելու եւ արդէն անոր ճարպիկութիւնն ամենէն կը յարգուէր, ու նաւավարներու լոնճաին մէջ իր փորձութեանն ու հմտութեանը դիմում կ՚ըլլար շատ անգամ նաւավարական կնճռոտ խնդիր մը լուծելու համար:

Գիշերները, երբ ծովացած յարաշարժ կեանքէ մը վաստակաբեկ բարի նաւավարները կը ժողովուէին իրենց սովորական գինետունը, օղիին տալու համար իրենց ամբողջ յոգնութիւնը, որ պուտիկ պուտիկ առնէ տանի, Յուսեփ միշտ կը նախագահէր այդ գումարումին, եւ ամէն նայուածքներ անոր շուրթերուն կառչած կը մնային, անոնցմէ ելած ամէն մէկ զարմանալի խօսքը շուտով մը կուլ տալու համար կարծես:

Քսանըհինգ տարու հազիւ կար Յուսեփ. մայրը մեռած էր, մինչեւ վերջին շունչը աղօթքներ մրմնջելով իր քաջ զաւկին համար, իսկ հայրը, ժամանակին նաւավար ու ձկնորս, հիմակ հիւանդոտ ու տխուր, տունը կը նստէր` իր հին ուռկանները կարկտելով շարունակ, օրին մէկը նորէն վերկենցաղելով` զանոնք գործածելու գերագոյն յոյսովը տոգորուած:

Օրին մէկը կը պատահի, որ գիւղին մէկ բարեկեցիկ ընտանիքը տուներնին կը կանչեն Յուսեփը եւ անոր կ՚աղաչեն, որ ամսական աս չափ գումարի մը փոխարէն ամէն առտու իրենց տասնեւհինգ տասնեւվեց տարեկան աղջիկը իր նաւակովը առնէ Ղալաթիա տանի ձգէ, ու ամէն իրիկուն Ղալաթիա երթայ ու առնէ բերէ մանկահասակ օրիորդը, որ Բերայ ֆրանսական վարժարան մը պիտի յաճախէր:

Յուսեփ յօժարակամ կ՚ընդունի այս առաջարկը— միանգամայն կ՚որոշուի, որ Ղալաթիայ տանելէն ետքը, նաւավարը աղջկան ընկերանայ մինչեւ վարժարան, ինչպէս նաեւ իրիկունն ալ երթայ վարժարանէն առնէ օրիորդը: Երկու կողմէն պայմաններ կը դրուին, ծնողաց կողմէ` աղջկան ապահով երթեւեկութիւնն երաշխաւորող, նաւավարին կողմէ` ամսական գումարին կանոնաւորապէս վճարումն ապահովող:

Ու յաջորդ օրուընէ սկսեալ մանկամարդ աղջիկը, կարմրերփն ու կարճ շրջազգեստ մը հագած, խսիրէ թեթեւ անօսր գլխարկ մը դրած ու ձեռքն ունենալով փոքր պայուսակ մը, մտաւ Յուսեփին նաւակը` նախ քիչ մը վարանումով ու հետոյ, առաջին տագնապը անցնելէ ետք, անփութօրէն բազմելով նաւակին մութ կանաչագոյն բազմոցներուն վրայ, լայնալանջ ու հոլանի երիտասարդին դէմը, որուն ջղուտ բազուկները սկսան ջուրին վրայէն փետուրի թեթեւութեամբ սահեցնել նաւակը:

Մանկամարդ աղջիկը սիրուն եւ գիրգ արարած մըն էր. անուշ ու կապտորակ աչքեր անհանդարտօրէն կը շարժէին հազիւ նշմարելի խարտիշագոյն ընքուիներուն տակ. անոնցմէ էր, որոնք կարծես բանի մը վրայ չեն նայիր, բանի մը ուշադրութիւն չեն ըներ, եւ սակայն ամէն բան աչքին կը զարնէ. ուստի, երբ Յուսեփ, առաջին վայրկեաններուն մէջ երկչոտ, նայեցաւ անոր, յուսախաբութիւն մը ճնշեց իր սիրտը: Մանկամարդ օրիորդը ոչ միայն չէր դիտէր զինքը, այլեւ գլուխն ալ անդին դարձնելով հորիզոնը կը քննէր տարտամ նայուածքով:

Բայց այս առթիւ ինք կրցաւ, ուժգնօրէն թիավարելով հանդերձ, մանրամասնօրէն զննել այդ փափուկ արարածը, որ յանձնուած էր իր համբաւեալ պարկեշտութեանը: Եւ զմայլեցաւ մնաց. կը կարծէր, թէ տակաւին կեանքին մէջ ատանկ դէմք չէր տեսած, ու սիրտին զգացած կսկծանքը կ՚այպաներ զինքը, որ մինչեւ այն ատեն անհրապոյր կեանք մըն էր վարած, քանի որ ատանկ երանաւէտ արարածներ գոյութիւն ունէին աշխարհքին վրայ, ու ինք չէր գիտէր:

Եւ աւելի կորովով, գրգռուած ջիղերու ձգտումով մը թիակները կը մխրճէր ջուրին մէջ, ու նաւակը կը սահէ՜ր:

Երբ Ղալաթիա հասան, Յուսեփ վստահելի մէկուն պահպանութեանը յանձնեց նաւակը, եւ դուրս ելաւ մանկամարդ աղջկան հետ. ու ինք ետեւէն, ան առջեւէն ճամբայ ելան դէպ Բերայ. երբ վարժարանին դուռն հասան, աղջիկը ետին դարձաւ ու քաղցր ձայնով մը ըսաւ.

Պարոն Յուսեփ, իրիկունը չմոռնաս գալու:

Ո՛չ, պատասխանեց երիտասարդ նաւավարը, կենալով հոն մինչեւ աղջկանը անհետ ըլլալն ու յետոյ դառնալով, մտածկոտ:

Այդ օրը իր սովորական օրերուն պէս չկրցաւ անցնել Յուսեփ. յաճախորդ չունեցած ատենը, անգիտակցաբար կը սկսէր խորհիլ` աչքը այն տեղին յառած, ուր առտուն նստեր էր մանկունակ երեսով աղջիկն այնքան շնորհալի ձեւով:

Իրիկունը, որոշուած ժամէն կէս ժամ առաջ գնաց կեցաւ դպրոցին դուռը, անհամբեր սպասելով իր գեղաշնորհ ընկերուհիին, որ չուշացաւ. այս անգամ, երբ նաւակը ճամբայ ելաւ, Նուրիկ անդին չդարձուց գլուխը. հիմակ քիչ մը հաճոյք կը զգար երիտասարդին վարժ ճարպկութենէն, որով նաւակն այնքան դիւրաւ կը սահեցնէր. պատճառը չէր զինք շահագրգռողը, այլ արդիւնքը. դիմացինը, եթէ վաթսուն տարու ծերուկ մըն ալ ըլլար, նոյն հետաքրքրութիւնը պիտի զգար. բայց Յուսեփ աչքի այնքան փորձառութիւն եւ մտքի այնքան նրբութիւն ունէ՞ր, որ այս կէտերը զանազանէր, ո՛չ. ան կարծեց, որ իր կարշնեղ բազուկին մեքենական շարժումն ու կուրծքին լայն ու հեւքոտ ելեւէջը կը հետաքրքրէին զայն. ուստի սիրտը ուրախութեամբ լեցուեցաւ, երբ գիւղին նաւամատոյցը հանեց Նուրիկը, որ շնորհալի գիշեր բարի մը մաղթելով հեռացաւ, յաջորդ առտուն նորէն տեսնուելու համար:

Այն գիշեր ուրախ էր Յուսեփ, երբ օղիի սեղանին շուրջը հաւաքուեցան, իր նաւավարական շահատակութիւնները պատմեց, կատակներ ըրաւ ու շատ խմեց: Ու գիշերն ալ երազին մէջը տեսաւ Նուրիկը, որ կը ժպտէր իրեն: Վերջապէս լուսցաւ. Յուսեփ խաղերով ու երգերով ջուրը իջեցուց իր նավակը ու սպասեց` վեր սոթտելով իր ճերմակ կտաւէ շապիկին թեզանիքները: Նորատի աշակերտուհին չուշացաւ: Ժպտուն ակնարկով ու ծիծաղկոտ շուրթով բարեւեց նաւավարը: Ինչպէ՞ս գացին մինչեւ Ղալաթիա եւ անկից մինչեւ դպրոց` պիտի չկրնար ըսել Յուսեփ. երազի մը անզգայ մեքենականութիւնը կար իր ամէն ըրածներուն մէջ:

Այսպէս անցան մէկ քանի ամիսներ: Նաւակը նորցաւ ու բազմոցները գեղեցիկ կերպասներով գարդարուեցան: Նուրիկ ա՛լ մտերմացած էր Յուսեփին հետ, մինչեւ Ղալաթիա անոր շաղփաղփումը մտիկ կ՚ընէր հաճոյքով, անոր քաջագործութիւնները իր եռանդը կ՚արծարծէին ու երազել կուտային իր վառ երեւակայութիւնը: Համակրանք մը կը զգար իրմէ ուժով, ու իրմէ զօրաւոր այդ երիտասարդին նկատմամբ, որ սիրոյ բոցովը բռնկած` ճարտասանական ձեւեր կ՚առնէր: Ա՛լ ինչո՞ւն պէտքն էր ուրիշները, բարեկամ, ծանօթ, ընկեր, ամէնքն ալ աչքէ ձգեց, գիշերները ա՛լ չմասնակցեցաւ օղիական խրախճանքներու: Կեանքը, բովանդակ էութիւնը կուտար, որ աշխարհի վրայ օր, առտու եւ իրիկուն միայն գոյութիւն ունենային, որպէսզի շուտով մը կարէնար տեսնել Նուրիկը, անոր կապոյտ աչքին նշոյլներն ու կակուղիկ հպումները կարենար ըմբոշխնել: Երանի կուտար իր վիճակին եւ ուրիշ բոլոր արարածները դժբախտ կը կարծէր, ըստ որում չէին սիրուեր անկից:

Օրերէն մէկը յանկարծ չեկաւ Նուրիկ, Աստուած իմ, ի՜նչ աղէտ. լախտի հարուած մը եղաւ ասիկայ հէք նաւավարին համար. իրիկուն չեղած, աղջկանը տունը վազեց պատճառը հարցնելու համար, դուռը կէս մը բացին իր երեսին ու ձայն մը խստութեամբ ըսաւ, թէ ասկից վերջը ա՛լ Նուրիկ պէտք չունէր իր նաւակին, վասնզի ա՛լ դպրոց պիտի չերթար:

Ետ դարձաւ Յուսեփ ու ձեռքը աչքին տարաւ` տեսնելու համար թէ արդեօք կուլա՞ր. ո՛չ, որովհետեւ, արցունքները փոխանակ աչքէն դուրս իյնալու, հրաշէկ գնդակներու պէս սրտին մէջ վազած էին, արիւնոտ ծակեր բանալով հոն, շատ չանցած առոյգ երիտասարդին յաջորդեց մռայլոտ, տխրամած մարդ մը, որ հազիւ ուժ ունէր թեւճակները շարժելու. Նուրի՜կ, ի՜նչ հոգեմաշ, կենսակործան երազ, որ անհետ եղեր ցնդեր էր խոշոր պատառներ տանելով իր էութենէն:

Մարդուն մէկը շատ օրեր ու տարիներ անցնելէ ետք իր նաւակը նստաւ օր մը` երկու հարսանեկան մոմերու հետ: Յուսեփ, թէեւ անկից ետք ա՛լ բանի մը չէր հետաքրքրուէր, հարցուց ինքնաբերաբար, թէ որո՞ւնն էին այդ մոմերը:

Աբրահամ աղային աղջիկը, օրիորդ Նուրիկ կը կարգուի կոր, աս մոմերն ալ անորն են, ըսաւ մարդը բիրտ ձայնով մը:

Քայքայումը կատարեալ եղաւ. դուրս ելաւ, ծախեց նաւակը եւ յուսահատ կեանք մը սկսաւ անցնել. ժամանակէն առաջ ծերացաւ, կորաքամակ եղաւ, ու քսան տարի ետքը իր Յուսեփ անուանը կցեցին պապա մակդիրն ալ: Գործ մը չըրաւ ապրելու համար. ինքզինքը Աստծոյ յանձնեց ու մարդերուն մօտենալու զգուշացաւ, իր թշուառութեան պատճառը զանոնք նկատելով:

Այլանդակ փափաք մը ունեցաւ օր մը. ուզեց ամէն մեռելներու ետեւէն երթալ. ու իր այս բաղձանքը իրագործեց յուղարկաւորութեան ամէն թափօրներու ետեւէն քաշկռտելով ինքզինքը մինչեւ գերեզմանին մօտ, ու հասնելուն պէս սփոփանքի հառաչ մը կ՚արձակէր: Երբ մեռելներու ջրկիրը մեռաւ, Պապա Յուսեփ աղաչեց, որ անոր տեղը անցնի, իրմէ յարմարագոյնը կա՞ր:

Ու ձեռքն առաւ ջրալից սափորը, մէջքը պլլեց չուանը ու գաւազանին կռթնելով ա՛լ սկսաւ մեռելներուն ետեւէն վազել չարաշուք ոգիի մը պէս:

Իր սովորական տեղը կծկուած էր Պապա Յուսեփ, երբ սրճարանին դուռը ուժգնօրէն բացուելով` խոշոր ձայն մը գոչեց.

Պապա Յուսեփ, հայտէ՛, մեռել կայ…

Այնքան աճապարեց նախկին նաւավարը, որ ծխափայտը գետին իյնալով երկու կտոր եղաւ մէջտեղէն. Յուսեփ տխուր նայուածքը մը նետեց իր այդ կործանած գոյքին վրայ, ու խորունկ հառաչ մ՚արձակեց, յետոյ, բան մը չեղածի պէս, գրեթէ յափշտակեց սափորը եւ դուրս նետուեցաւ սրճարանէն:

Սովորական յուղարկաւորութիւններէն չէր. վարդապետ, եպիսկոպոս, քահանայ, տիրացու, կանոնաւոր եւ դաշն ձայնով երգեցողութիւն ու հանդարտ յառաջացումով, թէեւ Պապայ Յուսեփին համար հանդիսաւորը եւ անշուքը հաւասար էին, չէ՞ մի որ երկուքին ալ փոսին վրայ պիտի թափէր իր միեւնոյն ջուրը, միեւնոյն անտարբերութեամբ:

Թափօրը գերեզմանատուն հասաւ, ու մեռելական աղօթքներն եղան լմնցան:

Առաջ անցաւ Յուսեփ ու մէջքէն սկսաւ քակել մահասարսուռ չուանը, զոր ժամկոչի մը յանձնեց, յետոյ իր սովորութեանը համեմատ, բացաւ դագաղին կափարիչը, ափ մը հող նետելու համար մեռնողին վրայ: Կնոջ դէմք մը յանկարծ երեւան եկաւ, ցցուած ոսկորներով, փոսը ինկած աչքերով, Պապա Յուսեփ կեցաւ, վաղանցիկ շլացում մը ունեցաւ, գլուխը կափարիչէն ներս խոթեց ու տարօրինակ բան, պագաւ մեռելին սառն երեսը.

Վա՜խ, Նուրիկ, մրմռալով:

Ղագաղը փոսը իջեցուցին, հողը ծածկեցին, ու Պապա Յուսեփ իր սափորին ջուրը անսովոր հոգածութեամբ մը թափեց, ցանցնեց ամէն կողմ, աչքովը շտկեց շտկրտեց փոսին կոնաձեւ կոյտը, եւ մինչ ամէն ոք կը ցրուէր կ՚երթար, ինք առաւ սափորն ու չուանը, հեռացաւ գերեզմանատան մէջ, քարի մը առջեւ կեցաւ, վեր վերցուց սափորը եւ ուժգնօրէն զարնելով գերեզմանին` փշուր-փշուր ըրաւ, բեկորներուն վրայ կոխկրտեց մոլեգին թափով մը, յետոյ խոշոր զմելի մը հանելով գրպանէն, կտոր կտոր ըրաւ չուանն ալ:

Երբ աւարտեց, շուրջը նայեցաւ. ոչ ոք կար, փաթթուեցաւ իր վերարկուին եւ գլուխը կախելով սկսաւ երթալ գերեզմանաքարերուն մէջէն, յորդ արցունք թափելով, իր սրտացող հեկեկանքները խառնելով սեպտեմբերի ահեղասոյզ քամիին, որուն ալիքներուն մէջէն երբեմն կը լսուէին Պապա Յուսեփին խուլ հեծկլտանքները.

Հի՜ւ, հի՜ւ, հի՜ւ…

«Արեւելք», 12 Փետրուար 1894։