Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՐԱՒԱՆՆ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ

Կ՚անցնին ուղտերն խոշոր, անդորր, հսկայաքայլ,

Ոսկեճամուկ բոժոժներու տակսարսուռին

Ամբառնալով ոյց վրայ ծոպեր ուռին՝

Առկախ՝ ու մեղմ տատանումով ծիրանեփայլ.

Կ’անցնին, կ’երթան… թանգ կերպասին ծայրը ծըփուն՝

Գըգուէ մեղմիւ բիրտ կողն ուղտին, մինչ վրան ճամբուն

Ուղտին քայլից տակ ծակոտի աւազն համբո՜ւն՝

Ուր կը ցոլայ արփւոյն շառայլ:

Պըղինձ ճակտուն վըրայ շողայ քիրտն աղտաղտին՝

Մինչ ուղտապանն վրան ցցուի արեւակէզ,

Ոյր գլխէն վար սահին թրթռան ծալքեր բեհեզ,

Եւ ոյր ներբանն կառչի վըզին հանդարտ ուղտին:

Նիզակն օդին մէջ կը ժայթքէ իւր գլուխն արծաթ,

Ու կը ճօճի. կը ծըփան ծոպք, մանեակք ալ սաթ՝

Ու բոժոժներն՝ լըռութեան մէջ անհուն, ազատ՝

Նուագեն խելերգ մ’անապատին:

Ու լուռ դաշտերն ալ ամայի միշտ կը նիրհեն.

Կը շառագնէ Այգն ալ անբա՜ւ այդ տեսարան.

Չարագուշակ ամպ մ’ահագին՝ երկընքին վրան՝

Մըռայլ իր թեւն հորիզոնին անդունդներէն

Վեր, աւելի վեր՝ մինչեւ այգը կը տանի,

Մինչ իւր եզրին կը վառէ այգն հուր ծիրանի,

Ինչպէս շողայ թագը հընդիկ մի մեծատան՝

Որ գայ դիտել այգն հըրեղէն:

Եւ լուսաւոր ու մռայլ անծայր դաշտին մէջէն՝

Կ’անցնի կ’երթայ լուռ կարաւանն հանդարտ, անհո՜ւն,

Կարմըրելով, ու տխուր երգով բոժոժներուն,

Որք անդադար, մշտնջենի՜ նուագով հնչեն:

Կ’անցնի՜, կ’երթա՜յ կարւանն՝ ընդհուպ կորսըւելո՜ւ.

Սակայն հարաւն՝ հորիզոն մ’է թափուր, հեռո՜ւ,

Եվ Անհունը՝ կարաւանին հետ կը զբօսնո՜ւ,

Ու բոժոժներն կը հառաչեն…

Ո՞ւր կ’երթայ նա… խռովելով շո՛ւրջը, ’վրան դաշտին՝

Աղէտալի կմախներու քո՜ւնն որք կ’արթըննան,

Վաղո՜ւց թաղուած աւազներու տակ անսահմա՜ն,

Անհունին մէջ օրրելով քո՜ւն մ’անդնդային.

Ու ցիր ու ցան, աւազին վրայ պառկած, լըռո՜ւն՝

Այգուն կարմիր ցոլքին ներքեւ, չոր ու փըտո՛ւն՝

Դեռ ընդերկա՜ր նային կմախներն մեռելներուն՝

Որոց բիբերն կը մըթագնին…:

Ո՜վ խոր տեսիլ… անբաւութի՜ւն գերեզմանի,

Զոր կը ճեղքէ կ՚անցնի՛ մարդոյն քայլն ահաբեկ.

Կմախին նայուածքը կը թովէ՜ հոն, մարդն, հէք,

Կը հեռանայ՝ կմախն ետեւէ՜ն դիտէ զանի…

Մահուան տեսիլն կը հալածէ զայն ընդերկա՜ր,

Ու կծկըւած ուղտին թիկանց մարդն ի կատար՝

Կը խուսափի արագ, անմռունչ, սարսափահա՜ր,

Թողլով հեռուն գանկն որ նայի՜…

Եւ հեռանայ կարաւանին շղթայն տակաւ.

Այգն ալ կարմիր ցոլք նետէ բիւր իր ետեւին…

Եւ վարդագոյն ’ստուերնե՛ր են ա՛լ որ կ’երեւին՝

Նըկարուելով հորիզոնին վրայ դէպ հարաւ.

Բոժոժներու մինչդեռ ղօղանջը տխրահո՜ւնչ,

Նուաղկո՜տ, կուգայ թռչտիլ դաշտին մէջ անշըշունջ՝

Եւ խո՜ր նուագով հանգչեցընել կմախներն անմռունչ՝

Յաւիտենի քնո՜յ մէջ անբաւ…

Եւ այգը չէ՜ չարագուշակ… ամպը միա՜յն

Կը տարածէ մըթին իր թեւն ծանրադանդաղ.

Ու անապատն անե՜զր՝ եւեթ նիրհէ խաղաղ…

Վըսե՜մ դըթով թողո՜ւն որ այդ անցնի՜ շղթայն

Կարաւանին՝ անբաւութեանց մէջ առանձի՜ն

Որ կը սահի, կը խուսափի՜, կորչի՜ անդին՝

Խռովա՜ծ՝ քունէ՛ն իսկ մեծ ամպին ու ’անապատին՝

Ուր կը ննջեն կըմախներն այն…: