Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՏՈՒՆ

Քո՜վս եկուր, կա՛տուս, քայլովդ երազոտ,

Եկո՛ւր որ, պառկած, խօսինք հոս մինակ.

Ու դընե՛մ ճակատս հանգչելու կարօտ՝

Վայրենի՛ ստեւիդ մէջ գգուող ու տաք…

Եկո՛ւր որ պառկած, խօսինք հոս մինակ.

Աչքս յառած աչքիդ խորհուրդին նուաղկոտ,

Վայրենի՛ ստեւիդ մէջ գգուող ու տաք՝

Տարփատենչ բընազդդ ըզգալով աղօտ…

Աչքս յառած աչքիդ խորհուրդին նուաղկոտ՝

Վայելե՛լ կ’ուզեմ խաժ բիբդ անյատակ…

Տարփատենչ բընազդդ զգալով աղօտ՝

Նայուածքիս, կուրծքիս, տըխուր ճակտիս տակ…

Վայելե՛լ կ’ուզեմ խաժ բիբդ անյատա՜կ,

Որ գիտէ՛ սուզիլ խորքեր ըստուերոտ.

Նայուածքիս, կուրծքի՛ս, տըխո՛ւր ճակտիստա՛կ՝

Հոգւո՜յս մէջ սուզէ ակնարկըդ մտածկոտ,

Որ գիտէ՛ սուզիլ խորքեր ըստուերոտ՝

Իր սեւեռումով խորունկ ու շիտակ…

Հոգւո՛յս մէջ սուզէ ակնարկըդ մտածկոտ,

Ծագումէդ մնացած վայրի՛ յիշատակ…:

Իր սեւեռումով խորունկ ու շիտակ՝

Նայուածքըդ կարծես ցնո՛րք մ’է անծանօթ…

Ծագումէդ մնացած վայրի՜ յիշատակ՝

Թող իջնէ՛ հոգւոյս ալքը մացառոտ…:

Նայուածքըդ կարծես ցնո՜րք մ’է անծանօթ,

Ծովուն խառնըւող շողին պէս ճերմակ.

Թող իջնէ՛ հոգւոյս ալքը մացառոտ՝

Հըրապուրելու ձանձրոյթըս դժընդակ…

Ծովուն խառնըւող շողին պէս ճերմակ՝

Պա՜րզ կեանքը պատմէ թող հոգւոյս կնճռոտ,

Հըրապուրելո՜ւ ձանձրոյթըս դժընդակ

Որ կը սիրէ խե՜ւ ցնորքները գըթոտ…:

 

1897, Մարտ