Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՔԱՐԱՅՐԸ

Միտքս հոգւոյս մէջ յամրընթաց կը թափառի ընդերկար,

Ու ելնել չուզեր մըթին եւ անշըշուկ այս այրէն…

Միթէ չըկա՞յ ինձմէ դուրս հորիզոն մը լայնատարր՝

Ուր միտքս, աղկիո՛ն Անբաւին՝ պարզէ թեւեր ձիւնեղէն.

Կրնա՞յ նայուածքս յուսալ դեռ ժպտուն նըշոյլ մը մոլար,

Մշտնջենի՛ ստուերներէն…

Հոն բորբոսի արցունքներ կամարներէն կը կաթին,

Ու Լըռութի՛ւնը կ’երգեն ձայնով հիւանդ ու վայրի…

Ջղջիկի թռի՛չ մը յանկարծ… աշխուժով մը սարսռագին՝

Քարայրին քնափը(*) խորունկ կը ցնցէ… ու կ’անհետի…

Ու Ստուերին մէջ հինաւուրց՝– էութի՜ւնն իսկ Քարայրին՝-

Նորէն շիթ մը կը կաթի…

Ջահի մը պէս ման եկաւ միտքս՝ այս այրին մէջ լըռած…

Անելներու մէջ խաբող՝ երբեմն ապշած կանգ առաւ…

Չես գիտեր ո՛ր ծերպէն վար կաթող շիթէն սարսըռաց,

Դողդոջեց՝ երբ իր քովէն ցայգաթիթեռ մը թըռաւ…

Եւ իր տրտում բոցն՝ այրին մըթընշաղին մէջ մըխա՜ց

Իր ռետնային ծուխը թաւ…

Ի՞նչ հաճոյք է որ կ’զգայ միտքս՝ յածելով հոն անդո՜ւլ…

Ի՞նչպէս այրը մըթաստուեր դեռ հըմայե՜լ կրնայ զայն…

Այլուր ի՛նչ կայք որ գտնէ՝ կ’շտապէ՛ ան զայն թողուլ

Ու կը դառնայ վերըստին իջնել հոգւոյս մէջ, անձայն…

Տըխո՛ւր բնակիչ տարօրէն՝ ըստուերներու այրին խուլ՝

Որ, աւաղ, ի՜մս է սակայն…

Այնպէս կը թուի թէ մտքիս պիտի ըլլայ սփոփն յաւէտ

Իր տխուր ցոլքին խօ՜լ ծածանքը դիտել խորն անձաւին…

Սատափէ նշոյլը՝ ծըփուն՝ կամարներուն մէջ նամէտ…

Ջղջիկներուն թաւիշէ՜ դիւայնութիւնը մըթին.

Արտօսրի մը բիւրեղեայ լըսել անկումը՝ անհետ

Ըստուերներուն մէջ լըռին…:

Դիտել, ամուլ այրին խորն՝ ուր չաճիր տունկ մը ծաղկող,

Ծակերու մէջ, լորձնային աճումը գէջ սունկերուն…

Մամուռին սէրը յամառ՝ որմերուն վրայ մըթասքօղ…

Ու քարերու տարփաւոր քարաքոսներն(**) գալարուն…

Որոնց տըխուր կեանքը բնաւ չի՜ թոռմիր՝ շիթ շիթ ինկող

Արցունքի՜ն տակ ծերպերուն…

Ու այս խաւարի ծընունդները դիտելէ աւելի՝

Ըստուերամոլ իմ մըտքիս գերագոյն սփոփը միայն

Պիտի ըլլայ զգալ, շնչե՛լ մըթընշաղը սիրելի՜

Որ յաւիտեան կը նիրհէ կամարներուն տակ անձայն…

Եւ ուր եթէ խորասոյզ մոլար լոյս մը կը փայլփլի՝

Ի՜նքն, երազուն ջահն է այն…

 

Իւսկ. Մարտ 3, 1897

------------------

(*) Քնափ. Lethargie.

(**) Քարաքոս. Lichen. plante cryptogame.