Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՀՈՒՆ

Հեռուէն Տօրոսի

Ալեւոր լերանց

Խորքէն անթափանց

Գետը կը հոսի:

Լեռներու սրտին

Գիտէ՜ յոյզն անբաւ

Անոնց՝ որ կանխաւ

Կոհակներ էին:

Ձայնն իր ջուրերուն

Ու խաւարն հըզօր՝

Լերանց իղձն է զոր

Կը տանի ծովուն:

Անշարժ, դարաւոր

Լեռնասարերու

Թռչելու, ծփալու

Կարօտն է բոլոր

Զոր գետը Սիհուն

Կ’երթայ տանելու

Լեռներէն հեռու

Մշտառոյգ ծովուն: