Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԻՇԵՐ

Գիշեր է. երկինքը կը փայլփըլի

Անդո՜րր ահագին, ու պատկառելի.

Նըշոյլներն ա՛յնքան, վիհերէն երկնային

Կը ժպտին հաճոյքէ, հիացումէ կուլան:

Իբրե՜ւ թէ բոլորն ալ իմանային

Անցնող հծծիւն մը յաւիտենական՝

Վերէն, հեռուէն, անհուն խորհուրդէն.

Սարսռալէ՝ կարծես թէ կը վերանան,

Իմաստութենէ կարծես կ’աղօթեն:

* * *

Աշխարհքը լուռ է. տանց մէջ խաւարին՝

Յետին ճրագներն ահա կը մարին.

Սեւ տանիքներու տակ մեղաւորներ

Կը քնանան հիմա իրենց քունը հէք:

Ո՛չ մէկ սուրբ երազ զիրենք դէպ ի վեր

Մեծ   աղաղութեան կ’ամբառնայ երբեք.

Հոն քաղաքն ամբողջ սեւ կոյտ մ’է թշուառ

Նիրհող կիրքերու. վերն ամենուրեք՝

Լուռ անբըծութեանց օրհներգ խանդավառ:

 

Իւսկիւտար