Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԵՒ ԾՈՎՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Հորիզոնին հեռածուփ ծալքերուն մէջ ծիրանի,

Վայրի Լուսինը Ծովուն ոսկի համբոյր կը կաթէ,

Գինովնալով շըշունջէն աւազափին հոլանի

Ուր սաթ, զմրուխտ յոյզ մ’անդուլ կը թաւալի, կը ժայթքէ՛

Ու գիշերին բիւրեղեայ լըռութեան մէջ կը հատնի…:

Իսկ ես, մինա՛կ եմ, մտածկոտ անհուն նայուա՛ծք մը, բաբէ՛…–

* * *

…Այն ափունքն ուր կ’ապրէի ջղային սարսուռս երազուն,

Ձեր ծուխերուն մէջ ծաւի, ո՛վ տարփանքնե՛րըս անգայտ՝

Ոչ իսկ մըշուշ մըն է նուրբ, հեռուները Սեւ Ծովուն…

Նաւ մը տարա՛ւ զիս, ու քաղցր ափունքն եղաւ շուտ անյայտ.

Եւ օտար այս ափին վրայ, օտարակա՛ն մը խոհուն՝

Զգացի հոգւոյս ամպերուն տակ՝ իրիկուա՛ն ճառագայթ՝

Մարմրիլն անցած օրերուն…

Վերջալոյսին մէջ սակայն հեռանըւաղ կեանքիս հին՝

Քու դէ՛մքդ ինծի ցուցուց Բաղդը, քա՜ղցր հոգի տխրամած.

Որպէսզի նո՜ր խըռովքով ըսփոփուի սիրտս առանձին,

Ինչպէս բեկորն՝ որ ուժգին կը ծփայ եզրին մօտեցած…:

Կարծեցի թէ հնա՛ր է որ յոյզերս հոգւոյդ հետ խօսին,

Հառաչի՜դ մէջ հեւայ շունչս, արբշըռութեա՛նս ալ լըռած՝

Խառնուի ձայնը Պոնտոսին…:

Վաղը սայլակ մը առնէ պիտի տանի զիս նորէն…:

Միայն անգա՛մ մը քեզ տեսայ… ու ձայնիդ նուագը խըռով՝

Սիրտս արցունքի մը փոխեց…: Անիւներն երբ ճըռընչեն

Վաղն առտու՝ ո՜չ իսկ տեսնեմ պիտի քեզի…: Մնա՛ս բարո՛վ…:

Կ’երթա՛մ ուր որ անողոք դէպքերը զիս կը քըշեն,

Ամպի պատա՜ռ որ կ’անցնի հովին քմայքէն տարուելով,

Մըթընշաղի մը մէջէն…:

* * *

. Ծովն, ահա՛, խաժ գիշերին մէջ կը շշնջէ՛ հեշտանուագ….

Պէտք է միշտ բան մը սիրել. ու Ծովն արդէն անվախճան

Կախարդիչն է Անուրջին: Հէք յուզումըս միայնակ

Կը թռի՜ լանջքին Հմայուհւոյն, ուր տխուր սիւքերն ալ կուգան,

Եւ որուն խորն աստղերուն կ’իջնէ խո՛հ ցոլքը ճերմակ,

Ու մենաւոր իր անուրջը կը մըխրճէ Լուսընկան…:

 

(1895) 1896 Նոյեմբեր