Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ

Նախորդ օրերու ձիւնէն եւ ցուրտերէն յետոյ այդ առաւօտ օդը մեղմացաւ յանկարծ եւ արեգակը գարնանային ջերմութիւն եւ ուրախութիւն սփռեց դեռ ձիւնապատ քաղաքին վրայ։

Կարմիր Բանակի տարեդարձն է եւ քաղաքը իր բոլոր թաղամասերով կարծես կը բաբախէ։ Կարմիր բանակայիններու երթեր զինւորական նուագախումբի ընկերակցութեամբ կանցնին բոլոր լայն փողոցներէն։

«Խորհրդային Հայաստան»ի խմբագրատան պատշգամէն կը դիտենք երթը զօրասիւնի մը, որ մարզուած եւ համաչափ քայլերով կանցնի եւ կը դառնայ փողոցին անկիւնը։ Զինուորները հագուած են մաքուր եւ վայելուչ համազգեստ. խաքի գոյնով չուխայէ վերարկու՝ մէջքը սեղմուած գօտիով. սրածայր գլխանոց՝ ճակատին վրայ կարմիր աստղ որուն վառ երանգը կը զարդարէ օձիքին երկու ծայրերը։ Ընդհանրապէս Հայաստանի կարմիր բանակայինները միջահասակ են, թիկնեղ, դէմքերը թուխ, գունեղ եւ խիստ դիմագծերով։ Կը քալեն ժիր եւ ճկուն քայլով եւ իրենց ամբողջութիւնը տոկոնութեան զգացում կը ներշնչէ։

Խմբագրատան սրահին մէջ խօսակիցներս կը զուարճանան իմ կրած արտակարգ տպաւորութիւններէս. ինչ որ իրենց համար այլ եւս սովորական իրականութիւն է ինձ կը թուի անհաւատալի տեսիլք մը։ Սա Հայաստանի Կարմիր Բանակն է, կանոնաւոր բանակ, որ ստացեր է արդէն իր յատուկ կերպարանքը եւ որը քանի մը տարուան ընթացքին հասար է շատ լուրջ արդիւնքներու։

Յեղափոխական կռիւներու ընթացքին ստեղծւած, յաղթական պայքարով ապահովելէ յետոյ Հայաստանի աշխատաւորութեան իշխանութիւնը, առանց ժամանակ կորսնցնելու մարտական վիճակէն անցեր է ուսուցման։ Խմբագիրներ որ մօտէն տեղեակ են այն փուլերուն որոնցմէ անցեր է մեր Կարմիր Բանակը կը բացատրեն ինձ այն անպատմելի ուժը որը կը ներկայացնէ կարմիր բանակ մը։ Սա նման չէ ուրիշ բանակի։ Կարմիր Բանակը կազմուած է բանուորներէ եւ գիւղացիներէ որոնք կոչուած են իրենց դասակարգային շահերը պաշտպանելու։ Զինւորը հրամանի ենթակայ պարզ մեքենայական ուժ մը չէ այլ գիտակից միաւոր մը որ գիտէ թէ ի՞նչ բանի դէմ, ի՞նչ բան պաշտպանելու համար կոչուած է մարզուելու։ Հրամանատարական կազմը նոյնպէս դուրս եկած է աշխատաւորութենէ այնպէս որ զինւորը եւ պետը հակամարտ դասակարգերու ներկայացուցիչներ չեն, հակամարտ շահեր չունին եւ ամէնուն համար մէկ ճակատ մը կայ միայն։

Այս է նաեւ պատճառը որ Կարմիր բանակայինը սերտ կապերով կապուած է ժողովուրդին։ Մնաց որ իրերու ներկայ դրութեան մէջ լայն զանգուածները կը մասնակցին ռազմական գործին, արդիւնաբերութեան առաջացման սատարելով եւ ամէն մարզերու մէջ ստեղծելով հաւաքական կարգապահութիւն, եւ ամէն մէկին մէջ ներքին գիտակցական կարգապահութիւն։

Յեղափոխական շինարարութիւնը մեծապէս կը սատարէ երկրին ռազմական վիճակի բարձրացման. կըսէ խօսակիցներէս մէկը. բանուորներու բանակները որ կը յաջողին կիրարկել տեքնիկական ամենէն յառաջացեալ միջոցները իրենց ասպարէզներու մէջ, ոչ միայն կապահովեն բանակի թիկունքը այլ եւ ուղղակի կը նպաստեն երկրի պաշտպանութեան։

Փոխադարձաբար Կարմիր բանակայինը գործօն կերպով կը մասնակցի նոր հասարակարգը կազմելու համար բանուոր դասակարգի մղած պայքարին։ Անիկա զանգուածներէն անջատուած չէ նոյն իսկ այն շրջանին երբ զէնքի տակ է, այլ օրկանապէս կապուած է իր միջավայրին ու դասակարգին հետ։

Առաջին դժուարութիւնները անցած են որովհետեւ նոր սերունդը կարմիր բանակ կերթայ որոշ նախապատրաստութեամբ։ Պատկոմական եւ Կոմերիտական կազմակերպութիւնները այդ դերը կը կատարեն նորբարձրացող երիտասարդութեան մէջ։ Ֆիզկուլտուրական եւ քաղաքացիական կրթութիւնը ֆիզիքական եւ մտաւորական մշակութեան ենթարկուած պատրաստի ուժեր կը հայթայթեն բանակին. հեռանկարները անհաշուելի են...

Գացեր է՞ք հրամանատարական դպրոցը, հրամկազմը մեր բանակին ողնաշարն է, պէտք է տեսնել թէ ի՞նչ կը կատարուի այնտեղ։

Արդարեւ օրը անցնելու լաւագոյն եղանակն է երթալ այցելել Կարմիր Բանակի հրամանատարներ պատրաստող Միասնիկեանի անուան զինուորական դպրոցը։ Հեռախօսով կը կարգադրեն հարկ եղածը։ Ինձ կընկերանայ Լուսաւորութեան Կոմիսարիատէն Ս. Մանուկեան եւ անմիջապէս ճամբայ կելլենք. կառքով կանցնինք տօնական քաղաքին մէջէն, ամէն րոպէ կանգ առնելով զինուորական երթերու պատճառաւ, փողոցները խռնուած հասարակութեան ոգեւորութեան մէջ, որուն վրայ կարտացոլայ կարմիր դրօշակներու բոցավառ երանգները։

Կը հասնինք հրամանատարական դպրոցը եւ անմիջապէս կը ներկայանանք զինուորական կոմիսարին։

Հրամանատարական դպրոցը գատրեր կը պատրաստէ Խորհրդային Հայասատանի Կարմիր Բանակին համար։ Խօսակցութեան ընթացքին կը տեղեկանամ որ Կարմիր Բանակին մէջ սպայական աստիճաններ չի կան այլ պաշտօններ։ Դասակի մը հրամանատարէն մինչեւ զօրաբաժնի մը հրամանատարը նոյն աստիճանը ունին եւ տարբերութիւնը կը կայանայ աւելի պատասխանատուութեան մէջ, ըստ պաշտօնի։

Կարգապահութի՞ւնը... կըսեմ հարացան։

Զինուորական կոմիսարը մեծ շունչ կառնէ եւ կը հաճիինձ լուսաբանութիւններ տալ այդ մասին։

Կարգապահութիւնը մեր բանակին մէջ կատարեալ է եւ անիկա ապահովուած է իւրաքանչիւր զինուորի գիտակցութեամբ դէպ ի իր պարտականութիւնը։ Եւ սրա միակ միջոցը դաստիարակութիւնն է։ Դուք կը տեսնէք որ ժողովներու եւ այլ երեկոյթներու մէջ շարքային զինուորը խօսք կառնէ եւ երբեմն վիճաբանական խօսք՝ հրամանատարներու եւ պետերու ներկայութեան։ Նրանց յարաբերութիւնները ընկերական են, պարզ եւ զերծ աւելորդ ձեւականութիւններէ։ Բայց սա չի նշանակեր որ զինուորը ակնածանք չունի դէպ ի հրամանատարական կազմը։ Ընդհակառակը։ Հրամանատարները իրենց բարձր հեղինակութիւնը կապահովեն իրենց անձնուիրութեամբ դէպ ի պարտաւորութիւնը, իրենց խղճամիտ եւ ճիշդ ղեկավարութեամբ եւ բանակայիններու հետ ունեցած ընկերական վերաբերմունքով։ Ստորացուցիչ եւ ձեւական կարգապահութեան փոխարէն որ հիմնուած է կոյր հնազանդութեան վրայ մենք հաստատեր ենք յեղափոխական գիտակցութեամբ յառաջ եկած կարգապահութիւն կարմիր զօրամասերու մէջ։

Պահ մը լռութիւն ուրկէ յետոյ կոմիսարը կաւելցնէ.

Եւ վստահ եղէք որ ներքին գիտակցական կարգապահութիւնը ինքնին կանդրադառնայ արտաքին կարգ ու կանոնի վրայ։

Ինձ մասնաւորապէս հետաքրքրող բանը յարակից մշակութային գործն է որ կը կատարուի Կարմիր Բանակի մէջ զինուորական վարժարանի յատուկ բրոկրամէ դուրս։ Լսեր եմ արդէն այդ մասինո. գիտեմ թէ ինչպէս առհասարակ Խորհրդային Միութեան մէջ, այնպէս եւ մեր երկրին մէջ Կարմիր Բանակը միեւնոյն ատեն դպրոց է եւ մարզարան։ Անիկայ աստիճանաբար մշակութային տարրեր կը մտցնէ մասնաւորաբար մեր յետամնաց գիւղացիութեան մէջ։ Կարմիր Բանակը եկող զինուորները կենթարկուին հետեւողական եւ գործնական կրթիչ ազդեցութեան եւ երբ կը դառնան տուն ոչ միայն իրենց ստացած սովորոյթներով եւ ուսմունքով օրինակ կը հանդիսանան եւ կը սատարեն գիւղացիին կենցաղը բարելաւելու այլ կը դառնան գիտակից եւ պատրաստուած ղեկավարներ գիւղական խորհուրդներու եւ հասարակական զանազան գործերու համար։

Զինուորական կոմիսարը ընդ առաջ երթալով իմ ցանկութեանս մեզ կը յանձնէ երիտասարդ սպայի մը որ կը ղեկավարէ հրամանատարական դպրոցի մշակութային բաժինները։

Ճանապարհին կը խօսակցինք եւ կստանամ հետեւեալ տեղեկութիւնները։

Կարմիր Բանակի հրամանատարական կազմին մէջ կը մտնեն կամաւորապէս անոնք որոնք սիրայօժար կընդգրկեն այդ ասպարէզը։ Ընդհանրապէս թեկնածուները չքաւոր գիւղացիներ, բանուորներ, որբեր եւ կոմերիտականներ են։ Անդրկովկասի յուրաքանչիւր հանրապետութիւն ունի իր համանատարական եւ ռազմայեղափոխական զինուորական վարժարանները. անոնցմէ մէկն է Երեւանի Միասնիկեանի նաուան հրամանատարական դպրոցը։

Դպրոցին շրջանն է 4-5 տարի։ Միասնիկեան դպրոցը տուած է արդէն իր առաջին շրջանաւարտները ուրկէ յետոյ ամէն տարի անիկա կուտայ կանոնաւոր դասընթացքը աւարտած հրամանատարներ։

Ամէն տարի Անդրկովկասի զինւորական վարժարաններու ուսանողները ամառնային երեք ամիսները կանցունեն միասին։ Այդ եռամսեայ հանրակեցութիւնը մեծապէս օգտակար է։ Անդրկովկասի կարմիր բանակներու սպայութեան թեկնածուները եւ քաղաքական ղեկավարները առիթ կունենան ոչ միայն ամրացնելու Ֆէտէրասիօնի զանազան ազգութեանց պատկանող ուսանողներու եղբայրութիւնը այլ եւ գործնականապէս ընտանի կը դառնայ այն գաղափարը որ ամէնքը միասին մեծ ընտանիք մը կը կազմեն եւ թէ միեւնոյն շահերը ունին պաշտպանելիք։

Կը հասնինք դահլիճ մը որ լսարանի դերը կը կատարէ. անիկա ընդարձակ սրահ մըն է համեստ բայց պատշաճ կահաւորումով։ Պատերը զարդարուած են խորհրդային րէժիմը հաստատող հայ եւ ռուս յայտնի դէմքերու պատկերներով։ Կան նաեւ բնանկարներ, գեղեցիկ զէնքեր եւ զինւորական վարժարանի յատուկ զարդեր։ Լսարանը ունի ռատիօ որու շնորհիւ ուսանողները կը լսեն երաժշտութիւն, արտասանութիւն եւ դասախօսութիւններ։

Յարակից գրադարան-ընթերցարանը ճոխ է թէ գիրքերով եւ թէ թերթերով։ Գրադարանի վարիչը բարահաճութիւնը կունենայ մեր տրամադրութեան տակ դնելու վիճակագրական տեղեկութիւններ եւ թիւեր։ 1927 Յունուար 1ին գրադարանը ունէր 15. 074 ռուսերէն եւ 4714 հայերէն գիրքեր։ Բացի ռազմագիտութեան յատուկ գիրքերը այդ թիւին մէջ կային ընդհանուր զարգացման վերաբերող ռուսերէն եւ հայերէն հազարաւոր գիրքեր որոնց շարքին 617 հայերէն եւ 421 ռուսերէն գրական երկեր։

Այն միջոցին որ կը նօթագրեմ դրսէն կը լսեմ փողհարութիւն. պահ մը կանգ կառնեմ եւ ուշադիր կը հետեւիմ փողի ձանյին։

Աւելորդ է ըսել, կը յայտնէ մեզ ընկերացող սպան, որ վարժարանին մէջ կը տիրէ խիստ կարգապահութիւն։ Ժամանակացոյցը կազմուած է այնպէս որ ոչ մէկ րոպէ չի կարսուիր։ Հերթապահը պատասխանատու է անձամբ։

Գրադարանի վարիչ զինւորականը կը շարունակէ տալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ։

Մեր բոլոր ուսանողները եւ ուսուցչական կազմը առանց բացառութեան կը յաճախեն մեր գրադարանը եւ ընթերցարանը։ Անոնցմէ զատ 8 հոգի քաղաքէն, 68 կարմիր բանակայիններ եւ 22 նորակոչներ կօգտուին մեր գրադարանէն։

Հրամանատարական դպրոցը կստանայ միութենական եւ Անդրկովկասեան բոլոր թերթերը հինգական օրինակ։ Ուսանողները առանձնապէս նաեւ կը բաժանորդագրուին թերթերու եւ պարբերականներու։ Դպրոցը կը հրատարակէ «Կարմիր Կուրսանտ» ապակետիպ թերթը ուրկէց օրինակներ կուտան ինձ։ Ուշադրութեան արժանի են նաեւ հիմնարկին պատի լրագիրները խմբագրուած ուսանողներէ, կենդանի եւ հետաքրքրական բովանդակութեամբ եւ պատկերներով։

Անկարելի է ապշած չի մնալ այս ներուժ մտաւորական աշխատանքի եւ ձեռք բերուած արդիւնքներու մասին։ Ամէն միջոց գործադրուած է կազմակերպելու եւ դիւրացնելու համար ուսանողներու զբաղումները։ Պատի վրայ՝ ծուծակներ կը յանձնարարեն այն թերթերը եւ գիրքերը որոնք առաւելագոյն կամ անմիջական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն։ Այդ ցուցակները կը փոխուին պարբերաբար։ Մասնաւոր եւ ցուցակագրուած քառդոններու մէջ դասաւորուած են թերթեր եւ թերթերէ կտրուած յօդուածներ.

Եթէ ուսանող մը ուզէ երկրի տնտեսական վիճակին կամ այլ նիւթի մը վրայ զեկուցում մը պատրաստել, կըսէ մեր առաջնորդը, անմիջապէս կը գտնէ այդ նիւթին վրայ գրուած յօդուածներու հաւաքածոն։

Եւ մեզ ցոյց կուտայ կարգաւ դասաւորուած յօդուածներու հաւաքածոներ։

Այսպէսով ուսանողները աւելորդ ժամանակ չեն կորսնցներ եւ իրենց կատարելիք աշխատութիւնները նախամշակուած կը գտնեն։

Ղեկավարել իրենց ընթերցումները, ապահովել ուսանողներու առանձին զբաղումներէն մաքսիմոմ արդիւնք, խնայել ժամանակը...

Կանցնինք դպրոցի ակումբը։ Այստեղ, ինչպէս ամէն տեղ կը բուրէ կարգապահութիւն, մաքրութիւն։ Ակումբը ունի զանազան խմբակներ. նուագախումբ, երգեցիկ, նկարչական, թատերական եւ այլն։ Այդ ակումբներու ինքնուսոյց աշխատանքը անբաւարար համարուելով, ակումբի վարչութիւնը կը հրաւիրէ մասնագէտներ եւ բրօֆէսէօրներ թէ՛ դպրոցի դեկավար շրջանէն եւ թէ՛ քաղաքէն։

Այդ նոյն սենեակին մէջ կը տեսնենք բաւականին յաջող գծագրութիւններ, կենդանագիրներ։

Այս բոլորը մեր ուսանողները շինած են։ Քանդակագործութեան խմբակը իր շինած արձաններէն նուիրած է զանազան մանկապարտէզներու։

Դպրոցը ունի իր սեփական սինէման որ շաբաթը երկու անգամ ներկայացումներ կուտայ։ Նկատի առնելով որ ուսանողութեան մէկ մասը չի տիրապետեր ռուսերէն լեզուին, ակումբի վարչութիւնը առաջուց կուտայ սինէմաին բովանդակութիւնը։ Իսկ ներկայացման միջոցին. հայերէն լեզուով բացատրութիւններ։

Կանցնինք ճաշարանը, խոհանոցը ուր կը ճաշակենք նոյն իսկ պատրաստուած մսէ ապուրէն։ Առհասարակ բոլոր հիմնարկներու մէջ ճաշերը առատ են եւ զարմանալիօրէն լաւ պատրաստուած։ Ուր որ այցելեր եմ ինձ տարեր են խոհանոց եւ ճաշակեր եմ օրուան պատրաստուած կերակուրներէն։ Բաղդատութիւն կարելի չէ ընել արտասահմանեան նմանօրինակ հիմնարկներու սննդական րէժիմին հետ։ Մասնաւոր հոգածութիւն կայ ոչ միայն բաւարար այլ եւ հիւթեղ սնուանդ տալու։

Կանցնինք ննջարանները։ Ուսանողներ զբաղած են զանազան գործերով որովհետեւ ամէն ննջարան ունի իր «անկիւն»ը։ Կը տեսնենք աշխարհագրական քարտէսներ, մարդակազմութեան գունաւոր տիպեր, բուսաբանութեան նմոյշներ։ Երիտասարդ ուսանողները մաքուր եւ վայելչօրէն հագուած կը նային մեզ, կը ժպտին ընտանեբար. կարծես ահա՛, հարցեր պիտի ուղղեն, պիտի խօսակցինք... բայց հասկնալի վերապահութեամբ, կը նախընտրեմ շտապ անցնիլ, հակառակ որ մեզ ընկերացող սպան ինձ կը հրաւիրէ մէկ քանի խօսք ընել։

Հրետանիական բաժնին մէջ պահ մը կը լսենք դասախօսութիւնը։ Երկու շարքի վրայ ուսանողները նստած են կը լսեն. ի՜նչպէս առոյգ են, արթուն եւ ուշադիր։ Բրօֆէսէօրը դասը չընդհատեր բայց զգուշանալով խանգարելէ, կը հեռանամ յուշիկ քայլերով։ Վճշական եւ ինքնամփոփ դէմքերու վրայ նայուածքներ կերկարին դէպի մեզ բայց արդէն հեռու ենք իրենց տեսողութենէն։

Կը շարունակենք հարցեր տալ մեր առաջնորդին...

Ֆիզիք կուլտուրայի մէջ շատ լաւ արդիւնքի կը հասնինք. մեր ուսանողները մեծապէս ընդունակ են։ Անդրկովկասեան մրցումներուն արդէն ստացած են մէկ անգամ առաջին՝ եւ մէկ անգամ երկրորդ մրցանակ։

Դպրոցին մէջ կաւանդուին բացի ռազմական գիտութիւնները, քիմիա, ֆիզիք, գծագրութիւն, ռուսերէն, հայերէն, մաթեմաթիք, դասակարգային կռիւներու պատմութիւն եւ այլ առարկաներ։

Սրահի մը մէջ ուշադրութիւնս կը գրաւէ առարկայ մը որ կախուած է պատին վրայ։

Սա նուէր է որ մեր ուսանողութիւնը ստացաւ Անդրկովկասեան Ֆէտէրասիօնէն լաւ հրացանաձգութեան համար։

Դեռ կանցնինք սրահներէ, դասարաններէ, կը լսենք մեր առաջնորդը դպրոցի առօրեայ կեանքի, զբաղումներու, ուսանողութեան բարձր տրամադրութեան վրայ։

Կը վերադառնանք գրասենեակ ուր Զինուորական կոմիսարը այն ոգեւորութեամբ որով լիքն են հիմնարկներու ղեկավարները մեզ կը խօսի հրամանատարական դպրոցի օրէ օր կատարած յառաջդիմութեան վրայ։

Հանգիստի օրերը, կըսէ անիկա, մենք կը սարքենք ներկայացումներ, համերգներ, վիճաբանական ժողովներ մեր ուսանողներուն համար։ Թէ երեկոյեան կուլտուրական պարապմունքները եւ թէ բացառիկ հաւաքոյթները մեծ արդիւնք տուած են մանաւանդ հայերէն լեզուի զարգացման տեսակէտէն։ Մեր ուսանողները կը խօսին զանազան գաւառաբարբառներ։ Այստեղ կը ջանանք իրենց վարժեցնել խօսիլ եւ արտայայտուիլ գրական մաքուր լեզուով։ Նոյն աշխատանքը կը կատարուի նաեւ ռուսերէնի համար։ Մեր զինուորը եւ զինուորականը պէտք է որ գիտնայ Միութենական ընդհանուր լեզուն թէ՛ իր յարաբերութիւնները դիւրացնելու համար ուրիշ ազգէ Կարմիր բանակայիններու հետ եւ թէ օգտուելու համար ռուսական հսկայական գրականութենէն։ Այդ նպատակով ունինք արդէն հայ եւ ռուս լեզուներու խմբակներ որոնք աչալուրջ կը հսկեն եւ պատասխանատու են արդիւնքի մասին.

Միթէ՞ ուսանողներն են որ կը խմբագրեն իրենց թերթը եւ պատի լրագիրները։

Մեծ մասամբ, բայց եւ դասախօսները կը մասնակցին կամ օժանդակեն։ Կարմիր Բանակը մեծ ընտանիք մըն է եւ ամէն գործերու մէջ ամէն մէկը իր բաժինը կը բերէ։

Յետոյ կը խօսինք շարքային Կարմիր Բանակայիններու մասին։

Չենք ունեցեր մինչեւ այժմ, դասալիքութեան դէպք։ Ուրախութեամբ կուգան Կարմիր Բանակ եւ կենթարկուին բանակի քաղաքակրթիչ ազդեցութեան։ Նրանք մեզ մօտ աստիճանաբար կը կորսնցնեն յոռի սովորութիւններ. հայհոյել, գետինը թքնել եւ այլն կստանան մաքրութեան սովորութիւն, մարդավայել կեանքով ապրելու վարժութիւն, կտրուկ խօսիլ, միտքը դասաւորել, մտածել նախ քան կարծիք յայտնելը։ Բացի այդ՝ բանակը կընտելացնէ կարմիր զինուորը հաւաքական կարգապահութեան ինչ որ մեծ նշանակութիւն ունի գիւղացիական եւ բանուորական կեանքի մէջ։ Վստահ եղէք որ տուն վերադարձող կարմիր զինուորը մեծ յարգ կը վայելէ գիւղի մէջ, նա կը դառնայ անմիջապէս ազդեցիկ անձ։

Այդ պայմաններու մէջ ապրող եւ կուլտուրական սովորութիւններ ստացող զինուորը միթէ՞ տհաճութեամբ չի վերադառնալ յետամնաց գիւղը։

Բնական է որ քաղաքի կեանքին վարժուողը անշնչելի գտնէ գիւղի կեանքը։ Բայց բանակի մէջ մասնաւորապէս զինուորին ուշադրութիւնը կը դարձնենք դէպի իր գիւղ։ Նա կը մեկնի բանակէն տոգորուած այն համոզումով որ իր եւ իր նմաններուն դերն է գիւղը կուլտուրացնել եւ կը մեկնի տուն պատրաստուած եւ ոգեւորութիւնով լիքը։

Կը հետեւի՞ք իր կեանքին։

Կարմիր զինուորը չի կրնար մոռնալ բանակի մէջ անցուցած օրերը եւ իր կապը կը պահէ մեզ հետ։ Ունինք նամակներու բիւրօ իւրաքանչիւր զօրամասի մէջ։ Կենդանի եւ մշտատեւ յարաբերութիւնը կը պահպանուի։ Որ եւ է բացառիկ պարագային Կարմիր Բանակային գիւղացին կը խորհրդակցի իր զօրամասի համապատասխան խմբակներու կամ ղեկավարներու հետ։

Մտածեցէք որ նորակոչներու 60 առ հարիւրը գրել կարդալ չէին գիտեր իսկ 20 առ հարիւրը կիսագրագէտ էին իսկ բանակէն կը վերադառնային տուն ոչ միայն գրել կարդալ սորված այլ եւ ուսմունք ստացած։ Դժուարութիւնները շատ մեծ էին բայց պէտք էր յաղթել, եւ յաղթեցինք։ Այժմ, արդէն, շնորհիւ ուրիշ մարզերու մէջ եւս թափուած ջանքերու, նորակոչները մեզ կը հասնին նուազ անպատրաստ։ Եւ յետոյ, մեր գործը աւելի բարենպաստ վիճակի մէջ է քան թէ առաջին տարիները։ Թէ ի՜նչ պայմաններու մէջ սկսանք...

Յարգելի կոմիսարը չի շարունակեր խօսքը եւ ինձ կը նայի նշանակալից կերպով։

Գիտենք թէ ինչ պայմաններու մէջ ծնած է Կարմիր Բանակը եւ ինչ եղած են իր առաջին տարիներու գործունէութեան բնոյթը։

 

Ելեկտրական լոյսերով շողռողուն Աբովեան փողոցը կը խայտայ տօնական օրուան երեկոյին։ Քաղաքին զանազան կէտերէն կը լսեմ «Էնթէրնասիօնալ»ի ֆրազներ եւ զինուորական քայլերգեր։ Մինչեւ ուշ գիշերին երբ սեղանիս առաջ նստած կը դասաւորեմ եւ կը խմբագրեմ օրուան մէջ հաւաքած նօթագրութիւններս, խուլ կերպով կը լսեմ փողոցի զուարթ աղմուկները։ Կարծես թափ տալու համար իմ մտածումիս պատուհանիս տակէն անցնող ուշ մնացած խումբ մը, երգը կընդհատէ եւ կը գոչէ.

Կեցցէ՜ Կարմիր Բանակը...