Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿԻՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ

Երիտասարդական Ակումբ Մանկան Սոցիալ եւ Իրաւական

Պաշտպանութեան Բաժինը

Ուղղիչ Գաղութ

Խորհրդային Հայաստան գերազանցապէս մանուկներու եւ պատանիներու երկիր է։ Չեմ գիտեր թէ ընդհանուր բնակչութեան թիւին քանի տոկոսը կը կազմեն անչափահասները բայց տարակոյս չի կայ որ եկուորը առաջին ակնարկով կը կրէ այն տպաւորութիւնը որ Հայաստան ընդարձակ մանկանոց մըն է։

Յետագային տեսակցութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին կը տեսնենք արդէն որ մանուկներու եւ պատանիներու կրթութիւնը եւ պատրաստութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ ամեն տեղ եւ ամէն մէկին մտքին մէջ։

Զարմանալի ոչինչ կայ։ Քանի մը տասնեակ հազարաւոր որբերը հետզհետէ կը դառնան պատանի եւ երիտասարդ։ Միւս կողմանէ վիճակագրութիւնը ցոյց կուտայ որ ծնունդներու համեմատական թիւը մեր ժողովուրդը կը դասէ աշխարհիս ամենէն բազմածին ժողովուրդներու շարքին։

Այսպէս թէ այնպէս նոր սերունդը քանակով եւ որակով ուժեղ՝ հետզհետէ կը բարձրանայ խիտ շարքերով եւ տեղ կը գրաւէ։

Անհնարին է առանց յուզումի եւ ոգեւորութեան տեսնել երկու սեռէ արի, ժիր, արթուն, տոկուն եւ ապրելու կամքով լիքը այդ թարմ եւ առողջ ուժերը որ կը լեցնեն փողոցները, ակումբները, հաւաքատեղիները, համալսարանի սրահները եւ որոնք արդէն դեր կը կատարեն հասարակական կեանքի մէջ իրենց յատուկ խանդավառութեամբ եւ լրջութեամբ։ Առաջնորդուած ձեռնահաս ղեկավարներէ, մարզուած սկզբունքային խնդիրներու մէջ, տոգորուած յստակ գաղափարականով, այդ երիտասարդները յառաջապահ բանակը կը կազմեն մեր երկրի յեղափոխական գործունէութեան մէջ, թէ՛ շինարարական եւ թէ՛ մշակութային ճակատներու վրայ եւ արտակարգ աշխուժով կարագացնեն անոր թափը։ Նոր աշխարհը կը կերտուի նոր ձեռքերով։ Տեսակ մը մատղաշ, թարմ եւ անպարտելի զգացում կը ներշնչէ պատանիներու եւ երիտասարդներու այդ լայն մասնակցութիւնը բոլոր մարզերու մէջ եւ ինչքա՜ն անսասան վստահութիւն ապագայի համար։

Առաջին օրերուն երբ միայն արտաքին երեւոյթներ կը ներկայանային իմ հասողութեանս միշտ զարմացումով կանդրադառնայի որ երիտասարդներ ինքնավստահութեամբ եւ պարտաւորութեան զգացումով կը յայտնուէին այս ինչ կամ այն ինչ պարագային։ Տօնի օր մըն է. բազմութիւնը տեղ մը խռնուեր է։ Կամ որ եւ է սովորական պատահար կարող է շփոթութեան մատնել ներկաները. կը տեսնէք յանկարծ որ պատանիներ կամ պատանուհիներ, միշտ պարզ բայց մաքուր հագուած, ինքնաբերաբար յանձն կառնեն կարգը պահպանել, յառաջ եկած միջադէպ մը հարթել անմիջապէս, օգնութիւն կազմակերպել եթէ հարկ կայ առանց դիմելու միլիցիոների միջամտութեան։ Այդ լուրջ դիմագծերը, շեշտակի եւ հրամայական ակնարկները, այն կանխահաս եւ ինքնավստահ պաղարիւնութիւնը յարգանք կը ներշնչան եւ ոչ ոք կը մտածէ դիմադրել։ Քանի անգամներ պատահած է ինձ անձամբ որ կողքիս գտնեմ երիտասարդ մը որ ինձ առաջնորդէ խճողուած փողոցի մը մէջէն անմիջապէս որ գիտցած է թէ կարեւոր գործով պէտք է անցնիմ։

Ընկերնե՛ր, ճամբայ բացէ՛ք։

Ուրիշ անգամներ, ընդհակառակը.

Ընկե՛ր, չէ կարելի, սպասեցէք ձեր հերթին։

Կը մտաբերեմ պռստուած յօնքեր, բոցավառ նայւածքներ մատղաշ դէմքերու վրայ։ Կը յիշեմ նաեւ պայծառ եւ անդորր դէմքեր, լուսաւորուած ժպիտով, արտայայտութիւն յաղթական ուժի, անդրդուելի գիտակցութեան, ընկերական ջերմ զգացումի։

Ո՞ւր եւ ե՞րբ մարզուեր ու պատրաստուեր են այդ թարմ ուժերը։

Պատանիներու եւ երիտասարդներու արտադրպոցային ամենէն կարեւոր մարզարանները կը հանդիսանան Պատկոմական եւ Կոմերիտական կազմակերպութիւնները։ Խորհրդային Հայաստան ունի 35, 000 Պատկոմ, որոնք, ինձ ըսին թէ Խորհրդային Միութեան լաւագոյն պատկոմական կազմակերպութիւնը կը ներկայացնեն։ Պէտք է տեսնել այդ մարզուած, եւ կարգապահ երկու սեռէ երախաներու տողանցը ըմբռնելու համար թէ ի՞նչպէս մեր ժողովուրդի նոր սերունդը կը յայտնուի ուժեղ կեանքով եւ անպարտելի դիտաւորութիւններով։

Անգամ մը այդպիսի երթ մը դիտած միջոցիս ինձ ընկերացող բարեկամ մը կըսէր։

Սրանք կը մեծնան, կը լեցնեն բոլոր պարապները, կը լրացնեն գատրերը եւ այն ժամանակ բարեկամ թէ թշնամի, ամէնքը կը հասկնան թէ ինչո՞ւ պէտք էր որ այսօր Հայաստանի Խորհրդային իշխանութիւնը աչալրջութեամբ հսկէր որ որոմներ չի ցանուին այդ նոր հունձքին մէջ։

 

* * *

Վաղուց մտադրեր էի մօտէն շփում ունենալ այդ պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ եւ ինձ յաճախ խօսեր էին Երեւանի Միասինկեանի անուան երիտասարդական ակումբի մասին։ Վերջապէս իրիկուն մը ընկեր Մ... ինձ ընկերացաւ այցելելու ակումբը եւ ծանօթացնելու ղեկավար մարմնին։

Դեռ ակումբի սեմին վրայ կը լսեմ ինչպէս փեթակի բզզիւն եւ կը տեսնեմ անհամար երիտասարդներ որ կը մտնեն ու կելլեն։ Պատշգամին վրայ չորս հսկայ սամովարներ կեռան։ Երկու սեռի հերթական ծառայողներ, ակումբի անդամներ, կը բերեն պարապ սամովարներ եւ կը վերցընեն կը տանին նորերը։

Բարեւ՜ ընկեր Մ...

Բարեւ՜, բարեւ՜...

Ինչպէ՜ս ժիր են, ուժեղ ու զուարթ։ Կանցնին կը դառնան համարձակ ու պարզ կը խօսին ու կը ծիծնղին ու կը գործեն։ Նախ քան գրասենեակ մտնելը, շրջան մը կընենք սրահներու մէջ։ Թէյասրահը լիքն է եւ խօսակցութիւններու աղմուկը կը բռնէ մթնոլորտը։ Բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր մեզ կը ժպտին, ոմանք կը մօտենան, կը հրաւիրեն իրենց սեղանները։ Լոյսով ողողուած մեծ սրահը, խճողուած այդ երիտասարդներով, արտակարգ ջերմ տպաւորութիւն կը գործէ։ Ահա ուսանողուհի մը որ կշտապէ թէյ բերել մեզ. ուրիշներ՝ շաքարահաց եւ կարկանդակ։ Ոմանք նստած են մեզ մօտ եւ ոմանք ոտքի կանգնած մեր շուրջը։

Կը խօսի՞ք, չէ՞, մեր ակումբի մէջ արեւմտահայ գրողներու մասին։

Պարոնեա՜ն, Պարոնեա՜ն...

Օրուան մարդը Պարոնեանն է եւ ոմանց ձեռքը գիրքեր կան հայ երգիծաբանի երկերէն։

Ուրիշներ կը մօտենան առանց այլ եւ այլն. կարգ մը բառերու նշանակութիւնը կուզեն ճշդել. կը ժպտին բարեկամաբար։ հարցումներ կուղղեն արտասահմանէն հայ կեանքի, նոր սերունդի, խորհրդային գծի վրայ կանգնած երիտասարդութեան մասին։

Ինչքա՜ն չքաւոր եմ եւ ինչքա՜ն վտիտ են իմ պատասխաններս։

Երիտասարդ մը ինձ կառաջարկէ դասախօսութիւն մը ընել գրական նիւթի մը վրայ։ Հետաքրքրութիւնները լարուած են անուններ կուզեն լսել։ Կը վարանիմ ճշգրիտ իրականութենէ հեռանալ, ապաւինելով լաւատեսութեան։Վերջապէս կը խոստանամ հրապարակային դասախօսութիւն մը ընել նիւթ առնելով «Յետ պատերազմեան Ֆրանսիական գրականութիւնը»։

Դեռ կանցնինք ուրիշ սրահներ. սենեակի մը մէջ ակումբի մէկ բաժինին ժողովը տեղի կունենայ։ Մատաղատի նախագահը առանց տպաւորուելու մեր մուիքէն, կը հրաւիրէ իր ընկերները ժողովը շարունակել։ Ինչպէ՜ս լուրջ է, գրեթէ հանդիսաւոր։ Լիքը եւ կարմիր շրթները դեռ մանկական ծամածռութիւն մը կստանան երբ ի կարգ կը հրաւիրէ ընդմիջող մը։ Ժողովը կընթանայ կատարեալ կարգապահութեամբ եւ յայտնուած կարծիքները, գրադարանը ճոխացնելու մասին, գործնական կարծիքներ են, անմիջապէս կիրարկելի։

Այդտեղ մեզ լուր կը բերեն որ ակումբի վարիչ ընկերը գրասենեակն է եւ կը դիմենք իր մօտ։

Միասնիկեանի անուան երիտասարդական ակումբը կը ղեկավարուի Կոմերիտմիութեան Երեւանի կոմիտէի կողմէ։ Ամէն այն կուսակցական եւ անկուսակցաւան երիտասրդները 14էն մինչեւ 23 տարեկան որ կը փափաքինկրնան անդամ գրուիլ ակումբին եթէ բանուոր են կամ գիւղացի (կամ այդ ծագումով պատանիներ) ուսանող եւ խորհրդային հիմնարկներու պաշտօնեայ։

Ակումբին նպատակն է երիտասարդ անդամները աշխուժացնել, արթնացնել անոնց գիտակցութիւնը, քաղաքականապէս գործօն տարր դարձնել եւ միեւնոյն ատեն առիթներ ընծայել որ անիկա իր ուսմունքը կատարելագործէ գեղարուեստական, գրական եւ գիտական ճիւղերու մէջ. բայց ինչ որ ամենէն կարեւորն է, ակումբին մէջ երիտասարդները կը մարզուին մասսայական աշխատանք կատարելու։

Ակումբը ունի զանազան բաժիններ. այնտեղ տեղի կունենան քաղաքական զրոյցներ որոնց միջոցին երիտասարդութիւնը կուտայ կամ կստանայ լուսաբանութիւններ, մեկնութիւններ անմիջական խնդիրներու շուրջ։ Քաղաքական հարց ու պատասխանի երեկոյաերը կը պարզուի թէ ո՞վ ինչքան պատրաստուած է եւ ինչ նոր արժէքներ կան որ կարելի է օգտագործել զանազան շրջաններու մէջ։ Այդպէս է որ երիտասարդութիւնը կը մարզուի հասարակական կեանքին։

  Գիտական բաժնին մէջ զեկուցումներ տեղի կունենան տեքնիկայն նորութեանց, բնագիտական, բժշկական եւ այլ նիւթերու վրայ, Գրական բաժինը կունենայ վիճաբանական երեկոյթներ ուր ուսումնասիրութեան առարկայ կըլլան կամ Հայաստանի կամ Խորհրդային Միութեան կամ Արտասահմանեան գրական նորութիւնները, ուղղութիւնները, հակամարտութիւնները։ Թեր եւ դէմ կարծիքներ ոչ միայն հանգամանօրէն կը լուսաբանեն խնդիրները այլ եւ այդ վիճաբանութեանց մասնակցողեւ ներկայ անդամներըկը մարզեն միտքերը արտայայտել դասաւորուած եւ կուռ կերպով, զգուշանալ տարտամութենէ, դիրք բռնել ու պաշտպանել։

Ակումբի երիտասարդ անդամները կը սիրեն մասնաւորապէս ընկերական երեկոյթները։ Սրահը կը լեցւի. ծրագիր չի կայ. ներկաներն են որ յանպատրաստից կը հայթայթեն երեկոյթի յայտագիրը։ Ո՞վ ինչ գիտէ ի սպաս կը դնէ. երգ արտասանութիւն, զրոյց։ Այդ երեկոյթները կանցնին ընդհանրապէս շատ զուարթ եւ աշխուժ. այսպէսով ակումբի անդամներումէջ աւելի սերտ շփում առաջ կուվայ եւ առիթ կըլլայ որ ուժերը ջոկուին, նոր տանադներ յայտնաբերուին։

Ակումբը ունի նաեւ ներկայացման սրահ ուր տեղի կունենան համերգներ եւ թատերական ներկայացումներ։ Տրամաթիքական սեկցիան կազմուած է ակումբի անդամներով եւ ամիսը գոնէ մէկ անգամ ներկայացում մը կուտայ։ Հակառակ որ սրահը բաւան ընդարձակ էր, ինձ յայտնեցին որ անիկա չի բաւեր անդամներուն։ Երբեմն կը հարկադրուին մինդեւ չորս անգամ կրկնել ներկայացումը։

Այդ նոյն բաժինը կը կազմակերպէ նաեւ երգեցիկ ֆիզիքական կուլտուրա եւ կենդանի սինէմա։ Ծիծաղի խմբակը որոշ կենդանի պատկերներ ներկայացնելով միմիքայով եւ շարժումով ի յայտ կը բերէ երիտասարդներու կեանքէ դրուագներ։ Ծիծաղի միջոցով սուր քննադատութիւն՝ որ անմիջական կրթիչ եւ ուղղիդ ազդեցութիւն կը գործէ եւ ուր երիտասարդութիւնը ինչպէս հայելիի մէջ կը տեսնէ իր թերութիւնները եւ իր տարիքի յատուկ շեղումները։

Մեր նպատակն է, կըսէ ակումբի երիտասարդ վարիչը, գրաւել անկուսակցական երիտասարդութիւնը, որոշ բովէ անցընել, աշխուժացնել որպէսզլղի կարենայ դառնալ աշխատանքի ընդունակ թէ իր մասնաւոր մարզին մէջ եւ թէ առհասարակ զանգուածներու մշակութային գ ործին սատարող. դառնալ օգիական միաւոր որպէսզի միացած ուժերով իրագործենք մեր պրոլետարական նպատակները։

Մեր խօսակիցը կը նստի եւ կելլայ շարունակ մեզ բերելու եւ ցոյց տալու համար թիւեր, վաւերաթուղթեր, տիակրամներ։ Սովորական ասուէ պլուզով, մէջքը սեղմուած գօտիով, նիհար եւ սլացիկ հասակով, անիկա կը պատկարացնէ հայ նոր երիտասարդի տիպարը. կը խօսի վարժ գրական լեզուով եւ իր թխորակ լուրջ դէմքը լուսաւորուած է սեւ գեղեցիկ աչքերով որոնց թափանցող ակնարկը կընկարանայ խօսքին եւ կշիռք կուտայ անոր։ Իր նիհար ձեռքերը կը թղթատեն տետրակներ, կը բանան մատեաններ, եւ կարծես տենդագին անհամբերութիւն մը կստանան. շատ բան կայ ցոյց տալիք եւ չէ կարելի այդպէս հարեւանցի. դիտողութիւնը արդար է եւ կը խոստանամ ոչ միայն կրկին գալ այլ եւ յաճախել երիտասարդական ակումբը. բարեկամական ժպիտը որ կարեւայ իր դէմքին վրայ հրաւէր մըն է որը կընդունիմ շնորհակալութեամբ։

Ինձ տրուած տեղեկութիւններու շարքին առանձնապէս հատաքրքրաւան կը գտնեմ ֆիզիքական մարզանքներու մասին ըսուածները։ Թէ՛ ակումբներու եւ թէ՛ դպրոցներու կից կան ֆիզիկկուլտուրայի բաժիններ, հրահանգիչներ կը ղեկավարեն թէ տեսական եւ թէ գործնական մարազանքները։ Ֆիզկուլտուրայի նպատակն է առողջութիւնը պահել եւ մարմինը ընդունակ դարձնել ճկուն եւ ընդունակ աշխատանքի։ Չի կան մրցումներ անհատական առաջնութիւնը եւ այլն շեշտող, չի կան աւելորդ մարզանքներ որոնք ուժի խաղեր են միայն եւ որ եւ է բանի չեն կիրարկուիլ։ Այստեղ ամէն ինչ կը միտի որոշ նպատակի մը. մկանները վարժացնել աշխատանքային ձեւերու, րիթմիկ շարժումներով ճկել կարմինը մինչեւ որ մարզուած երիտասրդը կարենայ թեթեւութեամբ կատարել որ եւ է ֆիզիքական ճիգ։ Սովորիլ նաեւ հաւաքական աշխատութիւններու որու միջոցին մէկին թողած շարժումը միւսները պէտք է շարունակեն եւ փոխադարձաբար եւ այս երբեմն շատ բարդ հանգամանքներու մէջ։

Երեւանի երիտասարդական ակումբը կը մասնակցի ուրիշ վայրերու ակումբներու գործունէութեան եւ փոխադարձաբար։ Բացօդեայ մարզանքները, արշաւանքները կը միացնեն երկրի երիտասարդութիւնը զանազան մարզերու մէջ։ Մշտատեւ շփու եւ փոխյարաբերութիւն կայ իրենց մէջ։

Մեր հինգերորդ համագումարին, պատգամաւորները կը ներկայացնէին 18. 000 կազմակերուած երիտասարդութիւն։

Ակումբի վարիչի ուղեկցութեամբ կրկին կը մտնենք սրահները.

Կուզէ՞ք մտնել դասախօսութեան դահլիքը. զրոյց տեղի կունենայ Մ. Նալբանդեանի մասին։

Բայց այդ միջոցին ուրախութեան ալիք մը դուր կը խուժէ թէյասրահէն եւ մենք բնազդական մղումով կերթանք այնտեղ. մէկը աթոռի մը վրայ կանգնած երգիծական ոտանաւոր մը կարտասանէ ու ներկաներուն դէմքերը լուսաւորուած են առողջ զուարթութեամբ։

Արշալուսային պայծառութիւն մը կայ այդ դէմքերուն վրայ որոնք հետքը չեն կրեր հիասթափներու կասկածամիտներու յոռետեսներու կանքահաս խորշոմներուն. եւ այդ ինքնաբուխ զուարթութիւնը որ կը ժայթքի արտասանողի ամէն մէկ տողին, թարմ ուժ է որ ի պահանջել հարկին կը վերածուի մղիչ ուժի գործունէութեան եւ պայքարի համար։

 

* * *

Լուսժողկոմատի բիւրօներէն մէկուն մէջ, գրասեղանի մը առաջ կսպասեմ որ ընկ. Մանուկեան գործը աւարտէ եւ ինձ ընկերանայ, ինչպէս նախապէս որոշեր ենք, անչափահասներու Ուղղիչ Գաղութը։ Սպասելով զրոյց կընեմ ընկերուհիի մը հետ որուն յաճախ կը հանդպիմ եւ որ Լուսաւորութեան կոմիսարիատիբաժիններէն մէկըկը ղեկավարէ։ Կարմիր մետաքսէ շղարշ մը կապած գլխին, կանոնաւոր դիմագիծերով, անիկա արձանային կեցուածք ունի արբ իր պաշտօնին յատուկ գործերով զբաղած է եւ հակառակ ցանկութեանս, միշտ կզգուշանամ զինքը ժամավաճառ ընել։ Բայց այդ օրը կերեւի ազատ է եւ սովորաբար անայլայլ դէմքէ կը դառնայինձ ժպիտով. եւ ահա խօսակցութիւնը կսկսի մեր մէջ։

Քանի որ մասնաւորապէս հետաքրքրւում էք մանուկներով...

Իր մտացի աչքերը կանգ կառնեն վրաս հաւանութեան ակնարկով մը. ի՜նչ կայ աւելի հետաքրքրական քան մանուկները երկրի մը մէջ ուր ամէն ինչ հիմնական փոփոխութեանց կենթարկուին։

Պէիք է սկսիլ հէնց սկզբից... Պէտք է իմանաք թէ ինչ օրէնքներ կան մեր կարգերում մանկանց պաշտպանութեան համար։

Սկսինք սկիզբէն. ընկերուհին ինձ կառաջնորդէ Լուսժողկոմատի մէջ Մանկան Սոցիալ Իրաւական Պաշտպանութեան Բաժինը եւ այնտեղ է որ կստանամ տեղեկութիւններ։

Երախան ծնած օրէն մինչեւ 18 տարեկանը կը գտնուի իշխանութեան պաշտպանութեան տակ։ Պետութիւնն է անչափահասներու բարձրագոյն խնամակալը։ Երախաները, ծնողաւոր կամ որբ, օրինաւոր կամ ոչ ամուսնութենէ ծնած, հաւասարապէս կը վայելեա Պետութեան պաշտպանութիւնը։ Մանկան Սոցիալ Իրաւական Պաշտպանութեան Բաժինը կը ղեկավարէ երախաներու իրաւական օգնութեան գործը ժառանգական եւ այլ խնդիրներու մէջ։ Այդ բաժինն է որ իր նշանակած իրաւաբաններու միջոցաւ, դատարաններու մէջ կը պաշտպանէ երախաներու իրաւունքները խնամակալներու եւ ծնողներու դէմ եթէ այս վերջինները ուզեն երախան զրկել ուսմունքէ եւ կամ չարաչար աշխատութեան ենթարկեն ըլլայ տունին մէջ, ըլլա՛յ տունէն դուրս. կամ եթէ կոպիտ վերաբերմունք ունենան իրենց զաւակներուն հանդէպ։ Ծանր կացութիւններու պարագային, իշխանութիւնը կարող է նոյն իսկ երախան վերցնել ծնողքի մօտէն եւ պահանջել ծախքերը մինչեւ երախային չափահասութիւնը։

Անչափահաս երախաները մինչեւ 4 տարեկանը կը գտնուին Առողջապահական կոմիսարիատի վերին հսկողութեան տակ որ իր համապատասխան օրկաններու միջոցաւ կստանձնէ մօր եւ մանկան պաշտպանութիւնը։ Թէ՛ կեդրոններու եւ թէ՛ շրջաններու մէջ Կին Բաժինները մեծապէս կը սատարեն այս գործին։ Անոնքկզբաղին յղի կամ դիեցնող կնոջմով, կուտան առողջապահական խորհուրդներ եւ յաճախ միջոցներ որպէսզի մայրը կարենայ իր դերը կատարել գիտակցութեամբ եւ խնամքով։ Մսուրները պէտք է ընդունին երախան եւ պահեն այն ժամերուն երբ մայրը կաշխատի։ Այս է մանկութեան պաշտպանութեան համար գծուած ծրագիրը։

Ի հարկէ այդ ծրագիրը դեռ չէ իրագործուած ամբողջովին, կըսէ խօսակիցս. տնտեսական պատճառներ արգելք կըլլան. բայց ինչքան որ հնարաւոր է կը կատարուի խղճմտութեամբ։

Ամեն պարագային, բժշկական խորհրդակցութիւններ, շրջիկ սանիտարական խմբակներ, դարմանատուններ մինչեւ յետ ինկարծ անկիւնները, իրական կը դարձնեն հսկողութիւնը մանկանց առողջապահութեան մասին։

4 տարեկանէն մինչեւ 18 տարեկանը երախան կը մտնէ Լուժողկոմատի հսկողութեան տակ։

Պատանին կարելի է գործի դնել միայն 16 տարեկանին. մինչեւ 18 տարեկանը օրական չորս ժամ գործ կամ աշխատանքային ուսմունք։

Մանկան Սոցիալ Իրաւական Պաշտպանութեան Բաժինը կը հսկէ նաեւ որ անչափահասներ եւ նորածին ունեցող մայրեր զերծ ըլլան գիշերային եւ առողջութեան համար վտանգաւոր աշխատութիւններէ։

Այդ նոյն բաժնին կից կան մանկան հասցէասեղան ուր կարող են դիմել այն երախաները որ որ եւ է գանգատ ունին ներկայացնելիք եւ տալ իրենց հասցէն. այդ հասցէասեղանէն մեծապէս կօգտուին մանաւանդ այն երախաները որ ծնող եւ խնամակալ չունին։ Այն օրերուն որ անապաստան երախաներու թիւը մեծ էր մեր երկրին մէջ, զանազան հիմնարկներ, հասարակակն օրկաններեւ խմբակցութիւններ, ինչպէս եւ քաղաքացիներ կուգային կարձանագրէին անապաստան երախաներու տեղերը եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ։ Շնորհիւ այդ աշխատակցութեան մինչեւ այդ՝ 8000 երաքաներ հաւաքուած էին Լուսժողկոմատի միջոցաւ եւ պատսպարուած էին մանկատուներու մէջ։

Մանկան Իրաւական պաշտպանութեան Բաժինն է որ նոյնպէս կզբաղի յանցաւոր եւ արատաւոր երախաներով։ Յանցաւոր անչափահասները չեն յանձնուիր դատարան։ Անոնց խնդիրը կը քննուի մասնաւոր իրաւախոհ մարմնի մը առաջ որուն նախագահը մանկավարժ մըն է եւ անդամները՝ բժիշկ, դատաւոր, իրաւաբան։ Կեդրոնական Յանձնաժողովը որ բեկման իրաւունք ունի, կազմուած է երեք հոգիէ. Կին Բաժնի, Ներքին գործերու եւ Առողջապահական կոմիսարիատներու մէկական ներկայացուցիչներէ։

Մանկան Պաշտպանութեան Բաժինը իր տրամադրութեան տակ ունի տեսուչներ եւ քննիչ դաստիարակներ որոնք կը հետեւին անչափահասներու աշխատութեան վայրերու առողջապահական, բարոյական եւ այլ կացութեան վրայ. հսկողութիւնը կը կատարեն թէ ծնողները եւ խնամակալները իրենց պարտաւորութիւնները ճիշդ կը կատարե՞ն թէ չէ։ Այս քննիչները կը վերցուին Լուսժողկոմատի ուսուցիչներէ, Կոմերիտմիութեան անդամներէ եւ Կին Բաժիններէ։

Քննիչները ի պահանջել հարկին կուտան տեղեկութիւններ յանցաւոր երախային սոցիալ պայմաններուն եւ ապրած միջավայրին վրայ եւ առհասարակ լուսաբանութիւն թէ երախան ինչո՞ւ յանցաւոր է։

Եթէ հաստատուի որ ծնողներ կամ խնամակալներ իրաւազանցութեան մէջ են հանդէպ անչափահասի մը, կենթարկուին շատ խիստ պատիժի։

Զանցաւոր նկատուած կամ արատաւոր երախան որը կը համարուի ապասոցիալ տարր, կը յանձնուի Ուղղիչ Գաղութ։

 

* * *

Կէս օրէ յետոյ կերթանք Ուղղիչ Գաղութ որ կը գտնուի Երեւանի մէկ ծայրամասին մէջ։ Կը մտնենք բաւականին մշակուած պարտէզ մը, եւ յետոյ ընդարձակ բակ մը որու վրայ կը բացուին Ուղղիչ Տան պատուհանները եւ դռները։ Զանազան տարիքի երախաներ 12-16 տարեկան, կը մտնեն կելլեն, կանցնին մեր կողքէն եւ առաջին տպաւորութիւնը զարմացում կը պատճառէ ինձ։ Դժուար է հաւատալ որ այդ երախաները յանցաւոր են կամ արատաւոր։ Բայց անմիջապէս որկը ծանօթանամ Գաղութի վարիչին, առաջին իսկ տեղեկութիւններէն կըմբռնեմ թէ ի՜նչ ծանր, դժուարին եւ բարդ գործ կայ կատարելիք այդ երախաները ուղղելու համար։

Ուղղիչ Գաղութը ունի 10-18 տարեկան 82 երախայ արական սեռէ։

Բոլոր երախաները կը հետեւին ուսմունքի, հինգ խմբակներու բաժնուաթ, որոնցմէ մէկըկարդալ գրել չի գիտցողներու խմբակն է։

Խմբակները կը սովորին նախնական վարժարանի ծրագրի համեմատ որը սակայն ամբողջովին չի կիրարկուիր։ Մնացեալ ժամանակը երախաները կզբաղին գործնական աշխատութիւններու։

Կայցելենք Գաղութի այգին եւ այն մասերը ուր երախաները կը կատարեն գիւղատնտեսական աշխատանք։ Ուշադրութիւնս կը գրաւէ ծաղկանոցը խնամւած ածուներով։ Պատանիներ որ այստեղ կաշխատին հպարտ են իրենց ձեռք բերած արդիւնքով։ Կը խօսիմ իրենց հետ վարդենիներու վրայ եւ կը ջանամ հետքեր գտնել իրանց դէմքերու արտայայտութեան մէջ այն ծանր յանցանքներուն որոնց հետեւանքով եկեր են այստեղ։ Մէկին տխրութիւնով ծանրաբեռն նայուածքը կը հանդպի ինձ բայց երբ կուզեմ հետը խօսիլ, կը դառնայ խուսափուկ։ Կեանքի ի՞նչ պայմաններ եւ հանգամանքներ զիրենք դուրս է հանել բնականոն վիճակէ։

Մեծ մասամբ պատերազմի զոհեր են կըսէ ինձ յետոյ, վարիչը. մնացեր են անտէր անտիրական, քարշ են ինկեր սոված ու մերկ... Ապրեր են արատաւոր չափահասներու կողքին, խռնուած, խճողուած ցուրտի դէմ պաշտպանուելու համար։

Կը մտնենք արհեստանոցները։ Խաւաքարտով եւ տախտակի ճկուն շերտերով կը շինեն տուփեր, արկղեր, պայուսակներ։ 10-12 տարեկան փոքրերը կը շինեն զանազան խաղալիքներ։ Այդ թշուառ պատանիները մեզ կընդունին աղմկալի խանդավառութեամբ։ Կարծես գիշերօթիկ աշակերտներ են։ Հագուած են մաքուր, գիրուկ են, վճիտ մորթով. յայտնի է թէ լաւ սնած ենեւ ընդհանրապէս գոհունակ դէմք ունին։ ինձ կը նուիրեն փայտեայ փոքրիկ արկղ մը որ աւելի խաղալիքէ քան թէ գործածելի առարկայ։ Բայց ամէն մասերը շիներ են ճնշդ ու ճիշդ նմանութեամբ եւ ուրախ են երբ զարմացումս կը յայտնեմ։ Ցոյց կուտան «վարպետ»ը որ մեկուսի նստած տխուր եւ ինքնամփոփկը շինէ իր գլուխ գործոցը, սաւառնակ մը, ճիշդ ու ճիշդնման իսկական սաւառնակի եւ որ պիտի բարձրանայ, ինչպէս կը հաւաստեն ինձ 12 տարեկան «վարպետ»ին ընկերները։

Կը մօտենամ բուն ինքը «վարպետ»ին։ Անիկայ գլուխը հակած, տենդագին աճապարանքով կաշխատի. երբ անունը կը հարցունեմ, մինչեւ ծոծրակը կը կարմրի բայց դէմքը կը դարձնէ ինձ եւ կը տեսնեմ որ շրթները կը դողան։ Ճիշդ այդ միջոցին երախաները կսկսին երգել եւ կօգտուիմ առիթէն հեռանալու համար ցաւագին երախայէն։ Նոյն իսկ յետոյ, գրասենեակին մէջ կզգուշանամ հարցնելու թէ նա ինչո՞ւ Ուղղիչ Գաղութն է։ Ինձ կը թուի որ հաւանական հետաքրքրութեանս գաղափարն էր որ զինքը մատնեց այդ յուզումին։

Երկրորդ արհեստանոցը հիւսնոց մըն է ուր կաշխատին 16-18 տարեկանները եւ որ արդէն ունի լուրջ արդիւնքներ։ Այդ տեղ կը շինեն ոչ միայն իրենց Տան այլ եւ ուրիշ հիմնարկներու համար պարզ կարասիներ։

Գրասենեակին մէջ, վարիչը, Սարիբէկ Սարտարեան մեզ կուտայ տեղեկութիւններ։ Հիմնարկութեան ուղղիչ գլխաւոր միջոցներն են ընդհանուր առողջապահութիւն, դաստիարակութիւն եւ կազմակերպուած ֆիզիքական աշխատանք։

Իմ հարցումներուս պատասխանելով վարիչը կը յայտնէ թէ գաղութը զրկուած են այնպիսի անչափահասներ որոնց յանցանքը ապացուցուած է, ընդհանրապէս գողութիւն։ Մինչեւ այժմ 3 հոգի միայն եկած են սպանութեն յանցանքով։ Բայց մեծ մասը 70 առ հարիւրը ենթակայ են սեռական անորմալութեանեւ ախտաւոր ունակութիւններու։

Ունի՞ք աղջիկներու բաժին մը։

Ունեցեր ենք Գաղութ մը ուր հաւաքուած էինք մինչեւ 15 ապասոցիալ անչափահասներ, իգական սեռէ։ Բայց հնարաւոր չեղաւ այդ բաժինը պահել։ Այժմ, եթէ հարկ լինի շատ հազուադէպ –կը կատարուի մասնաւոր կարգադրութիւն։

Վարիչը մեզ կը բացատրէ ամենայամառ ախտը սեռական անորմալութիւնը եւ ունակութիւններն են։ Կանգնած գիտական հիմքերու վրայ, մեզ կը լուսաբանէ պատճառները եւ դարմանման միջոցները որ կիրարկեր են գոհացուցիչ արդիւնքով։

Առաջին բանը որ կազդէ ախտաւոր երախային Ուղղիչ Գաղութի վճիտ մթնոլորտն է։ Ոչ մէկ ուղղակի կամ անուղղակի ակնարկութիւն՝ այն պատճառի մասին որու հետեւանքով երախան մտեր է այնտեղ։ Վարիչը եւ իր աշխատակիցներըունին մանրամասն տեղեկութիւններ իւրաքանչիւր երախայի վրայ։ Բժշկական տեղեկագիր, իրաւախոհական մարմնի եւ քննիչներու տուած տեղեկութիւնները, որուն կուգան կը միանան իրենց դիտողութիւնները եւ նկատողութիւնները։ Եթէ հանգամանք ունեցող մէկը ուզէ քննութիւն մը ընել որ եւ է անչափահասի մասին, կը գտնէ յանցանքի կամ վատ ունակութիւններու պատճառները, հետեւանքը եւ դարմանումի աստիճանական ընթացքը։

Դիտեցի որ ինչպէս բժիշկներ, հիմնարկին ղեկավարները ուշադիր են կիրարկելու հարկ եղած բոլոր համապատասխան միջոցները։ Մեծ կարեւորութիւն ունի սնունդի րէժիմը, քնելու պայմանները, ննջարաններու ջերմութեան աստիճանը եւ նոյնիսկ հագուստի ձեւը որ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ է։ Երախաները յաճախ կը լողանան եւ կը կատարեն մարզանք եւ ֆիզիքական աշխատութիւն։ Կը կատարւի նաեւ առողջապահական զրոյց։

Խնդիրը այն է որ, մանաւանդ առաջին ամիսներին, երախաները ժամանակ չունեն յիշելու իրենց ունակութիւնները։ Երբեմն քանի մը ամիսէն արդիւնքի կը հասնինք, բայց եւ երբեմն...

Ֆիզիքական աշխատանքը եւ մարզանքները մեծապէս կօգնեն արագ դարմանումի. բայց եւ երախան պէտք է հանգստանայ, մանաւանդ որ անբնական պատանի մը գրեթէ միշտ ֆիզիքապէս թոյլ է կամ իր վատ ունակութիւնները զինքը տկարացուցած են։ Մարզանքներէ եւ ֆիզիքական աշխատանքէ հանգստանալու համար կան Ակումբի զբաղումները։

Կերթանք այցելելու ճաշարանը, խոհանոցը եւ ննջարանները որոնք լուսաւոր են եւ օդաւէտ։ Անկողինները մաքուր սաւաններով, դրուած են իրարմէ որոշ հեռաւորութեան։ Կանցնինք վերջապէս Ակումբը։

Ակումբը ունի երեք բաժիններ իրենց յատուկ ծրագիրներով. թատերական, արտադրական (արհեստանոցներու հետ կապուած) եւ խաղի։

Յաճախկը կատարուին զեկուցումներ, զրոյցներ, վիճաբանութիւններ։ Ակումբի զբաղումները եւ այդ երեկոյթները կը ղկեավարեն հիմնարկի դաստիարակները։

Ակումբի կից կայ գրադարան եւ ընթերցարան. վարիչըկըսէ.

Երախաները սիրում են յաճախել։

Կայ նաեւ առանձին նկարչութեան սենեակ. կը մտնենք այնտեղ։ Երեք պատանիներ ածուխով կը գծեն հետեւելով գաճէ մօտէլներու։ Կը մօտենամ մէին եւ միւսին. ճարտար մատներով անոնք կաշխատին եւ մեծ լրջութեամբ կը պատասխանեն մեր հարցերուն։

Պատերը զարդարուած են իրենց գործերով։ Ծովանկար մը կայ գունաւոր մատիտով շինուած որ իրենց հպարտութիւնը կը կազմէ։ Ինչքա՜ն պիտի ուզէին գոյնով աշխատիլ բայց հարկադրուած են խնայել։

Բաւականին նիւթ չունինք, մանաւանդ գոյն, վրձին, կտաւ եւ այլն։

 

Ուղղիչ Գաղութը բացուած է 1921ին եւ արդէն 1923ին կարելի եղած է արձակել մօտ 26 ուղղուած երախայ։

Ո՞ւր կը ղրկէք այդ անչափահասները։

Փոքրիկները կը ղրկենք մանկատուններ իսկ 16էն 18 տարեկանները կը տեղաւորենք արտէլներում։ 10 հոգի տեղաւորած ենք քաղաքի գործարաններում։ Գիւղատնտեսական աշխատանքների վարժ պատանիները կուղարկուին գիւղական շրջաններ։

Վստա՞հ էք որ հիմնապէս դարմանուած են։

Պատանիներից մինչեւ այժմ մէկ դէպք պատահած է րէսիտիվի (յանցանքի կրկնութիւն) իսկ մանկատուններից երեք երախաներ վերադարձուած են մեզ մօտ։ Մինչեւ այժմ բաց թողեր են 100 երախայ. արդիւնքը կարելի է համարել լաւ։

Նոյն իսկ շատ լաւ։

Հիմնարկի բժիշկը կը հետեւի ոչ միայն ընդհանուր առողջութեան այլ եւ իւրաքանչիւր երախայի դարմանումին։ Կը կատարուին խորհրդակցութիւններ բժիշկի եւ դաստիարակներու մէջ։ Երբ երախայ մը բաց կը թողնենք, վստահ են իր մասին։

Ի՞նչ միջոցի կը դիմէք բացառիկ պարագաներու. օրինակի համար, երբ երախայ մը դիմադրէ ենթարկուիլ հիմնարկի րէժիմին։

Շատ հազուադէպ են այդպիսի դիմադրութիւնները եւ գրեթէ միշտ կարճատեւ։ Այդ պարագային երախան կը կղզիացնենք ժամանակաւորապէս եւ կը ջանանք ազդել անհատական մերձեցումով։ Այդպիսին կը պահենք մեզ մօտ եւ կը հետեւինք առանց որ ինքը անդրադառնայ։ Աստիճանաբար կը յանձնենք իրեն աշխատանքներ ըստ իր նախասիրութեանեւ ահա աննկատելի կերպով նա կը մտնէ աշխանաքային խումբերի մէջ։ Կը կատարէ նոյն իսկ սեւ աշխատանք որոշ նախանձախնդրութեամբ։ Ունեցեր ենք մէկը որ կը համարուէր անուղղելի։ Այսօր դարմանուած է եւ իբր հիւսն կաշխատի քաղաքին մէջ։

Բանը այն է, կըսէ մեզ ընկերացող դաստիարակ մը, որ երաքան Գաղութէ դուրս գալէ յետոյ ինքզինքը չզգայ անտէր եւ սանձարձակ։ Նա կը շարունակէ իր աշխատանքային կեանքը որ սովորած է այստեղ, քաղաքի եւ գիւղի մէջ, շրջանակուած առողջ տարրերով։

 

Կառքը մեզ կը տանի դէպի քաղաքի կեդրոնը։ Լոյսերը վառուած են եւ երեկոյեան կեանքը հետզհետէ կաշխուժանայ։ Յանկարծ փողոցի բազմութիւնը կը քաշուի երկու մայթերը եւ կարծես բանի մը կսպասէ։ Հեռուէն կը լսենք քայլերգ մը որ հետզհետէ կը մօտենայ։

Պատկոմներ են կըսէ ընկերս, ուշ են մնացեր. կը վերադառնան իրենց ակումբը։

Բազմաթիւ ոսկետառ կարմիր դրօշներով որոնք կը ծածանին իրենց մատղաշ գլուխներու վերեւ, պատկոմները կըառաջանան։ Մեր կառքը կանգ կառնէ եւ կը դիտենք երթը։ Նախ աղջիկներ են կարճ կիսազգեստով, ճերմակ պլուզով, կարմիր վզկապով։ Յետոյ պատանիներ եւ ահա խումբ մը մանուկներ, Հոկտեմբերիկներ, որ կը քալեն առոյգ, գլուխնին բարձր բռնած եւ հպարտ, այնքա՜ն հպարտ...

Հալող ձիւնը կը ճարճատի իրենց մանրիկ քայլերուն տակ եւ երբ մէկն ու մէկը կը դանդաղի, հրահանգիչը կը մօտենայ եւ միասին կառնեն քանի մը քայլ։

Երբ Պատկոմներու շարքը կանցնի, երկու մայթերուն կանգնած բազմութիւնը կը միանայ եւ փողոցը կստանայ իր սովորական կերպարանքը։ Հեռուէն, աւելի մտքով քան թէ ականջով կը լսեմ նոր բարձրացող սերունդին յաղթական քայլերը բազմադարեան Երեւանի մէջ։

Կարծես լռութիւն մը խզուած է, խաւար մը՝ լուսաւորուած։

Որովհետեւ գիտենք որ այդ մարզուած եւ արագ քայլերով, մեր երկրի մանուկները եւ պատանիները, շրջանակուած դիտակից եւ աչալուրջ հրահանգիչներով, կը դիմեն դէպ իրենց լուսաշող ապագան։

Անոնք ճամբայ ելած են եւ այլ եւս ոչինչ կարողէ կասեցնել իրենց ընթացքը։