Սկիւտարի վերջալոյսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Կէսօրէ   վերջը երկու   սկիւտարցի   տիկիններու այցելութիւնը կը խանգարէ իմ խաղաղ ծուլութիւնս, որ ըստ   բարեկամիս անհանգստող համեմատութիւններ առնելու  վրայ  է։  Այլ  սակայն  իրիկունը  բարեկամիս  հրաւէրին՝ դէպի բարձունքը ելլելու, չեմ դիմադրեր եւ շտապով դուրս կ՚ելլեմ իմ հիւրերուս ետեւէն որոնք իրենց գիրուկ թիկունքը դարձուցած արեւմուտքին տատանելով կը հեռանան ուս ուսի հարազատ քոյրերու պէս. զիս բամբասելու վրայ են անշուշտ. այնչա՛փ համաձայն կը թուին իրարու. փորձառութեամբ գիտեմ որ երկու կիներ բացարձակ համաձայնութեան մը կը հասնին երբ մէկու մը վրայ գէշ խօսելու զբաղած են միայն. բամբասանքին այս թանկագին եւ բարերար ազդեցութիւնը հաստատելէս ետքը կիներու մէջ, միշտ զարմացած եմ որ բարոյախօսները  գէշ  ունակութիւն  մը  համարած  են  զայն։

Օդը մեղրի պէս քաղցրահամ է. մօտակայ պարտէզէ մը ծաղիկներ թառամելէ առաջ կ՚արտաշնչեն իրենց վերջին շունչը ու մորթիս վրայէն փայփայանքի պէս կ՚անցնի թափառական դեղին փոշիներու հեշտագին սարսուռը, որոնց տեւելու, ապրելու կամքով առլի մասնիկները իրենց տենչանքը կը բուրեն մեղմօրէն, Սկիւտարի ոսկեզօծ վերջալոյսի  պահուն։

Առանց զգալու կը յառաջանանք եւ հիմա կը տեսնեմ Ս. Խաչ վարժարաններուն բարձրադիր շէնքերը։

Քանի՛ կը մօտենանք տղոց շշուկը եւ երբեմն ուսուցչի ձայնը ընկերացած զանգակի մը հնչիւնին կը լսենք հետըզհետէ որոշակի. տարիներէ՜, իմ մանկութենէս ի վեր, կարծես բան մը փոխուած չէ. նոյն շշուկը, նոյն ուսուցչին ձայնը, նոյն զանգակը. տպաւորութիւնը այնքան ուժգին է որ վայրկեան մը պատրանքը կ՚ունենամ ինքզինքս տղայ զգալու եւ ինծի կը թուի թէ փողոցը պիտի դառնամ, աղջկանց վարժարանի երկաթէ դուռը պիտի հրեմ ու սանդուխներէն վեր պիտի վազեմ ու սրահին մէջ ամէնքը իր տեղը պիտի գտնամ, իմ ընկերուհիներս, իմ վարժապետներս, իմ օրիորդս… Այս մտածումներով կը շտապեմ դէպի դուռը եւ կը կենամ. արձակուրդի ատեն է, պզտիկ աղջիկներ կը մեկնին խմբովին. մեր ժամանակի թիփերը, նոյն դէմքի արտայայտութիւնները, քիչ մըն ա՛լ, եւ կարծես անուններ պիտի որոշեմ. Աղաւնի՛, Զարուհի, Վարդանուշ… ու կը խորհիմ որ այդ նմանութեան մէջ զարմանալի բան չկայ եւ թէ շատ հաւանականաբար իմ ընկերուհիներուս աղջիկներն են ասոնք… ահաւասիկ, արդէն սերունդ մը գլտորած է մեր վրայէն ու բոլոր այդ նորածիլները, բոլոր այդ վաղուան սերմերը գողտր յուզմունքով մը կը լեցնեն  ինծի, իբր  թէ  իմ  աղջիկներս  ըլլային։  Նոյն  միջոցին խոշոր  սեւ  աչքեր  կը  տեսնեմ  արցունքով  ողողուած։

-Աղջիկ…, ինչո՞ւ  կու  լաս։

Պատասխան չի տար ու խրտչած կը հեռանայ. քովէն մէկը կը պատասխանէ.

-Օրիորդը  զէրօ  դրաւ  իրեն։

Խեղճ պզտիկ տղե՛կ, ի՛նչպէս քու արցունքներովդ աւելի ուժգին կ՚արթնցնես իմ մէջս մանկական յիշատակներ. քի՞չ լացեր եմ զրօներու, անիրաւ յանդիմանութիւններու համար. ու կարծես հիմա իրենցմէ մէկն եմ ես ալ. խեղճ պզտիկ հոգի, սիրոյ եւ գորովանքի ծարաւի, անտեսւած իմ ընկերուհիներէս եւ յաճախ անիրաւուած մեծերէն. ու ահա մի առ մի դպրոցական շրջանին օրերը կը ցցուին մտքիս մէջ, երկար, տաղտկալի եւ ծանր իմ դիւրազգաց, ջղագրգիռ  մանկութեանս  համար։

Շատերը երջանկութիւնը ունին իրենց մանկութիւնը վարդագոյն տեսնելու. մանկութեան յիշատակները կարծես թէ ստիպուած են թեթեւ, քաղցր եւ հաճելի ըլլալու. ինծի կը թուի, թէ պայմանադրական ձեւի մը հպատակելու համար է այդ միայն եւ թէ մեր մանկութիւնը երջանիկ չէր կրնար ըլլալ ի նկատի առնելով մեզ դաստիարակելու պաշտօն ունեցող անձերուն հոգեկան եւ բարոյական վիճակը եւ այն պայմանները որոնց մէջ ապրած ենք։

Այդ պայմանները դժբախտաբար նոյնը մնացած կը թուին մինչեւ հիմա, հո՛ն դպրոցին սեմին վրայ, արձակւող տղոց ոմանց աչքերուն մէջ տեսայ եւ ճանչցայ մեր ժամանակներուն անձկագին նայուածքը, նոյն դառնութեան ծալքը մանկական շրթունքներուն անկիւնը եւ կամ վայրենի ուրախութիւնը ազատ ըլլալու եւ ա՛լ չլսելու դաստիարակին նեղացուցիչ ջղագրգիռ ձայնը, հրամանները, արգելքները։

Տխրած կը մեկնիմ դպրոցէն եւ ճամբան բարեկամիս հետ կը խօսինք դպրոցական դէպքերու եւ թիփերու վրայ. իմ ուսուցիչներէս շատերը իրեններն ալ եղած են եւ ի՛նչ շարք չարագուշակ, տխմարօրէն խիստ բռնաւոր տիպարներու. երբեմն միայն գողտր հոգի մը կամ կարող միտք մը կ՚անցնի մեր անուանումներուն մէջ, ա՛յնքան հազուագիւտ  սակայն  որ  մենք  անգամ  կը  զարմանանք։

-Ան ուրիշ, անիկա վարժապետներուն շարքին մէջ մի՛  դներ։

Խօսակցութիւնը թափառելով կու գայ Ս…եանին, ֆրանսերէնի շատ հմուտ ուսուցչին որ կարծեմ քիչ մը բոլոր  իր  աշակերտներուն  խրտուիլակը  եղած  է։

Բոլոր անոնք որ ֆրանսերէնի դաս առած են՝ ճանչցած են Ս…եանը. իր յիշատակը ամէնէն բուռն է իմ մէջս թերեւս անոր համար որ ամէնէն շատ իր սնոտի յաւակնութիւններով  եւ  բռնաւոր  խստութիւնովը  չարչրկած  է  ինծի։

Օրերով լացած եմ իր պատճառով եւ որքան ալ որ պզտիկ աղջիկները շռայլ ըլլան արցունքի, կարելի՞ է մոռնալ մէկը որ այնքան արցունք թափել տուած է. դեռ գրեթէ սարսափով կը յիշեմ իր երկայն գալարուող հասակը դասարանին սեմին վրայ որ կ՚ահաբեկէր զիս եւ անանկ շուարում մը կը պատճառէր որ գիտցածս ալ կը մոռնայի -այնքան քիչ բան- եւ տժգունած, դողահար կը սպասէի որ իմ կարգս գար դասի ելլելու. իր պզտիկ մթին աչքերը, իր հեգնող եւ անգութ նայուածքը եւ մանաւանդ իր ջղուտ մատներուն զգայնութիւնը ականջիս վրայ, չեմ կրցած մոռնալ բնաւ. ու կը խորհիմ որ այդ մարդը իրաւամբ ի՛նչ վատառողջ եւ տխուր հոգի մը ունենալու էր այնքան cynismeով [1] պզտիկ աղջիկները եւ տղաքը տանջելու համար։  Ս…եան  մասնաւորապէս  ինծի  տարօրինակ  վախ մը կ՚ազդէր, զոր նշմարած ըլլալու էր եւ որով կը զուարճանար. որովհետեւ ժամուան մէջ երեք քառորդը ինձմով կը զբաղէր մանրամասնօրէն դասը հարցնելով եւ պատժելով… Այլեւս մի՛ զարմանաք երբ ըսեմ թէ դպրոցէն շրջանաւարտ եղած ատենս ֆրանսերէնի գիրերը միայն կը ճանչնայի եւ շատ պղտոր եւ հարեւանցի գաղափար մը միայն  ունէի  լեզուին  վրայ։  Այլ  սակայն  Ս…եան  իր  ճիւղին  մէջ  ամենակարող  եւ  հմուտ  ուսուցիչ  մըն  էր։

Կ…եան եւս կարող ուսուցիչ մըն էր. խանդավառ, աշխոյժ, բարի զոր շատ կը սիրէի եւ որուն համար ամէն անձնուիրութեան կարող էի, բայց Կ…եանն էր որ առաջին անգամ այնքան ուժգնօրէն մարդկային հոգիին ճղճիմութեան  գաղափարը  տուաւ  ինծի։  Գրաւոր  քննութեան մը միջոցին էր, շարադրութիւններ կը պատրաստէինք. ընկերուհիներէս մէկը որ իմ թուաբանութեան քննութեանս օգնած էր՝ այսինքն դիտմամբ սխալ լուծած էր խնդիրս որպէսզի պակաս թիւ առնեմ, -այդ հեռատես վարպետութիւնները զիս կը հիացնէին միշտ այն ատենխնդրեց, որ փոխարէն իր շարադրութիւնը գրեմ. իմս վերջացնելէ ետքը, քիչ մը հապճեպով ընկերուհիիս համար  ալ  գրեցի։  Կ…եան  ատենէ  մը  ի  վեր  գէշ  աչքով  կը նայէր ինծի. ինչո՞ւ… չեմ գիտեր, միայն թէ քանի մը անգամ յոխորտալով իր յօդուածները կարդալէ ետքը նշանակիչ ձեւով մը ինծի նայելով ըսած էր.

-Կը տեսնա՞ս, գրականութեան յաւակնութիւններ ունենալը  չի  բաւեր, պէտք  է  խմոր  ունենալ։

Կարծես թէ քէն ունենար ինծի, գրականութեան պէս անմատչելի եւ իրեն նման բացառիկ խմոր ունեցող անձերու յատուկ ասպարէզի մը տարտամօրէն փափաք ունենալուս։  Ինչ  որ  ալ  ըլլայ, խեղճ  մարդը  դպրոցական աղջկան մը հետ չափուիլ զիջանելու համար ի՞նչ հոգեկան տագնապներու մէջ եղած ըլլալու է եւ եթէ իր տիրական, յայտնի տաղանդը չըլլար, զարմանք պիտի չպատճառէր  իր  ողորմելի  երկչոտութիւնը։

Արդ Կ…եան իմ ընկերուհիիս, որուն շարադրութիւնը գրած էի, բարձրագոյն թիւը դրած էր եւ իմինիս ամէնէն  յետինը։

Ասիկա այնքան որոշ, ջախջախիչ յայտնութիւն մը եղաւ ինծի համար մարդուս փոքրոգիութեան, տխմար քինախնդրութեան վրայ որ ապշած մնացի եւ իմ տարապայման զարմացումիս մէջ կարծելով թէ շփոթութիւն մը եղած է՝ եղելութիւնը յայտնեցի տեսուչին. - թոքախտաւոր մը որ իր անցուցած տենդագին գիշերներուն զայրոյթը տղոցմէն  կ՚առնէր։

Տեսուչը հաստատեց Կ…եանին թիւերը եւ ոչ միայն ասիկա զինքը չապշեցուց, ինչպէս կը սպասէի, այլ շատ հանդարտօրէն եւ ծիծաղելի լրջութիւնով մը իմ արդէն շատ ոչինչ թիւս զրոյի մը վերածեց, քննութեան միջոցին ուրիշին  օգնած  ըլլալուս  համար։



[1]            Շնականութիւն։