Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԳՂԻՆ ԿՏՈՒՑԻՆ ՏԱԿ
(Գրականութեան համար)

1

Պատերազմէն  ասդին արեւմտեան  ազգերու հոգեկանութեան մէջ մուտք ունեցած է նոր ճեղքը, նոր խռովքը, երբ համապատասխան կնճիռներով կ՚արձագանգեն անոնց արուեստին մէջ, անտեղի չէ հարցնել, թէ նոյն այդ երեւոյթները ի՞նչ ձեւով ու չափով կը զարգանան մեր մէջ, մենք պատերազմէն աւելի խորունկ ու եղերօրէն ազդուած ժողովուրդը, որ ատեն մը քաղաքակիրթ խղճմտանքները յոգնեցնելէ ու տղու պէս մէկդի  նետուելէ  ետքը այսօր  կը  ներկայանանք անոնց, այդ խղճմտանքներու դուռներուն, «կեանք մուրացողներու» անլուր ողբերգութեամբը։

Հարցումը շահեկան է մասնաւորաբար այն փաստով, որուն համեմատ, դէպքերու նոր դասաւորումը մեր երիտասարդութիւնը մէկ օրէն միւսը դրած է, ինչպէս կ՚ըսեն, «քուրջի ու մոխիրի» վրայ։ Այդ երիտասարդութիւնը հարկին տակն է այսօր` «աւուր պարէնը» հանել «քարէն ու հողէն», ու հարկին տակն է դարձեալ, իր հոգեկան դէմքը ազատագրել ձգտիլ՝ ահեղ ու հսկայ փաղաղումէն, որ կը կոչուի օտար քաղաքակրթութիւն եւ որ կը ճնշէ մանաւանդ անոր ներքին դիմագծութեան։ Մեր հոգին խրամող ու կեանքի զգայարանքը բզկտող մեր վերջին վրիպանքը (չեմ ըսեր աղէտը, վասնզի անոր արտայայտութիւնը գործն է եղած կանխող սերունդին), որ հակառակ փոքր ժողովուրդէ մը իր աւազանին, կը յայտնէ գիծեր այլապէս բարդ ու սրտառուչ, քան անոնց, մեծերուն տագնապը, կը ճնշէ մեր արուեստին, հաղորդելու չափ անոր իր կնիքը։ Այս տողերը կը ձգտին փընտռելու այդ հետքը մեր իմացական արտայայտութեանց մէկ քանիին վրայ։ «Խոր ու սպառող» չեն անոնք, ինչպէս սովորութիւն է տեսնել այս ամենաբուժ տարազաները նոր քալիպրէ մեր դատողներու կառուցումներուն մէջ, երանելի է ա՛ն՝, որ կը կարծէ վերջին խօսքը ըսել արուեստի գործի մը վրայ։

Ուրեմն։

Դէպքերու քմահաճոյքը (սուտ կը խօսին անոնք, որ յանուն պատմութեան ու ուրիշ աժան բանաձեւերու, մեր Աղէտը կը պիտակեն փափաքուած վերտառութիւններով ու, մանաւանդ՝ խաւեր կը փնտռեն, ասոնց վրայ զետեղելու մեր քայքայումին ազդակները) պատճառ է, որ մեր իմացական տիսիփլինն ալ տեղափոխուի նոր կեդրոններու։ Այլապէս հրապուրիչ, անդիմադրելի ու մեծ քաղաքակրթութեանց վառարաններ, որպիսիներն են Փարիզն ու Նիւ Եորքը կամ ասոր գիծէն ուրիշ քաղաք մը, նոյն այդ Ամերիկային մէջ բռնագրաւուած կը պահեն իրենց խայծերուն ներքեւ մեր նոր վայրավատին արժէքները [1], անոնք, որ մօտաւոր ընտրանին պիտի ըլլան մեր մշակոյթին, երէկ եթէ օտար կեդրոններուն վիճակուած էր այդ դերը, այնքան ալ մտահոգուելու պարտաւոր չէինք։ Վասնզի անխախտ ենթահողը մեր գեղին, գաւառիկ փոքր քաղաքին` խուսած չէր մեր ոտքերէն։ Ասօր  մեր  տղաքը  թեւաբեկ  հանդէսներու  պահուն  կամ աղքատիկ խմբագրութեան մը սենեակներուն մէջ միայն կը դառնան իրենց ազգային երանգին։ Անոնք կը սնանին դուրսէն։ Ու մեր պարբերաթերթերուն կամ օրագիրներուն իրենց բերածը քաղած են օտար ածուներէ։ Մոռնալու չենք թունաւոր, սեւ, ճերմակ մեղրերը։

2

Անշուշտ թափուած վաստակը աւելի քան պատուաբեր է սա սպառած ժողովուրդին համար, որուն ճակատագիրը դեռ գաղտնիք մըն է իր իսկ զաւակներուն. ժամականի երեւոյթ է, որ մեր ձախողութիւնները բեռնաւորենք մեր ցեղային ժխտական նժարին, ստուարացնելով արդէն գործնական կշիռներուն ծանրութիւնը [2] ։ Ժամականի երեւոյթ է, որ դատապարտենք մեր ընդոծին առաքինութիւնները, ըսել կ՚ուզեմ՝ այն գիծերը, որոնք ժողովուրդի մը հոգեկան հիւծումին յայտարարները, բայց  անոր  գեղեցկութեան  ալ  փաստերը  եղան իրարու գլխուն թափենք մեր անզօրութան, արեան նուազումէն, քան իրարմէ տարագիր, ատենք զիրար, մենք` որ ուրիշ բան չենք եղած մեր պատմութեան բոլոր էջերուն։ Բայց չխորհինք, հոս է եղերականը այն հրաշքին, որ այսքան դիամարտութեանց հանդէսներէ մեզ ազատած ու բերած է մինչեւ դուռները նոր ժամանակին։ Այս է պատճառը, որ խորունկ յուզումով ես կը հետեւիմ ամէն ճիգի, որ այդ հրաշքին մէկ մասնիկը կը յայտնաբերէ։

3

Յուսադրի՞չ, ուրեմն, ջանքը մեր տղոց։ Թերեւս, եթէ երբեք ուզենք տեսնել զայն դրական ու բարեացակամ տրամադրութեամբ։ Ու գանք անտեսելու այս բողբոջումին մէջ թաքնուած ուրիշ, մեր ժամանակով միայն պայմանաւոր ախտանիշները։ Ցեղական, յախուռն, անիմաստ ու անհեռատես վատնո՞ւմն է աս մեր ա՛լ ցամքելու մօտ ուժերուն, ինչպէս տրուեցաւ ընել մեզի դարէ դար, մեր օրօրանէն վտարանդի, ուրիշ ոստաններու մէջ, շողացնելու կեանքի, փարթամ ու իմաստալից կեանքի պատրանք մը, առժամեայ փթթումներուն բոլոր սրտագըրաւ ու ինքնաբաւ կնիքովը, քիչ վերջ սմքելու համար անփառունակ ու անվերադարձ շիջումով։ Փառահեղ ու ահաւոր անուններ, որոնք գահերու լուսապսակը ապահովեցին պերճ աշխարհաքաղաքներու մէջ։ Որոնք դարէ դար մեր խելքին ոսկի կամարները ձեւեցին ժամանակի հանքերէն դուրս ու մեռան ծիրանաւոր կամ պսակուած։ Հսկայագեղ դամբարաննե՛ր [3]. որոնք մեր մշակոյթը կը տեսարանեն, տեսարանեցին մօտաւոր  անցեալին  վրայ ու մեր ինքնեկ գիծը կը բեւեռեն Արեւելքի ոստաններուն մէջ։

4

 

Արա՛գ, արտաքին ակնարկ մը, պատերազմէն ասդին, մեր այսպէս ըսուած իմացական ճիգին վրայ, թերեւս կանխահաս երեւոյթ, քանի որ մշակոյթի երեւոյթները կ՚ախորժին չափել ժամանակը շրջաններով։ Բայց մեզի համար նման վարկած մը չի կշռեր ծանր հեղինակութեամբ, տրուած ըլլալով բացառիկ պայմանները, որոնք կ՚ընկերանան այդ ճիգին։ Անոնք` որոնց ուսերուն դրուած է ծանրութիւնը այդ աշխատանքին, սկսուած գործ մըն էր, որ կը փոխադրէին։ Բոլոր այդ տղաքը դեռ չինկած օտար հորիզոններու գերութեան, զրահուած էին սերունդ մը կենսաւորող քանի մը հզօրագոյն պատրանքներով։ Ունէին սրբազան աւիշը, որ արտայայտութեան կը  փութար իրենց  պատանութեան խռովքէն ու վճիտ աչքերէն։ Քառորդ դարու հեւ ի հեւ ջանք մը դիմագիծ տուած է մեր միտքին` Ամերիկայի մէջ (արժէքի հարց չեմ յուզեր)։ Տասը տարին քիչ չէ, որպէսզի իմաստուններու խուզարկուն ու արձանագիրը դիրք բռնէ ժամանակին դէմ ու բանաձեւէ իր յիմար ու խելօք դատումները։ Շատ մը գետիններէ արտայայտութեան հասած այս գործունէութեան դէմ պէտք կը զգամ մասնաւորուիլ, ոչ անշուշտ երկրաչափի գործիքներով, արտերու բաժնելու համար արուեստին դաշտը։ Ուրեմն, արտաքին ու արագ այդ ակնարկը կը հաստատէ, որ պատմուածքը [4] (չըսելու համար վէպը), երկուքն ալ սեռեր՝ այնքան անկարեւոր ու ճղճիմ ազգերու գրական արտադրութեանց մէջ, դարերու ընթացքով, մեր մօտ կը մշակուի ընդարձակ տարածութիւններու վրայ, առաւելագոյն թուով վաստակաւորներու կողմէ։

5

- Թոյլ ու անշրջագիծ, ըսել կ՚ուզեմ՝ շատ նախնական ճարտարապետութեամբ, քմայքի, հոգեկան թեթեւ վերլուծման, բանաստեղծական խորացմամբ ընդունակ հէնքով մը, ու տակաւին` կծու կամ զգոյշ պարսաւ, սրամտութիւն եւ ուրիշ իմացապաշտ ձգտումներ հովանաւորելու համար բաւական առաձիգ իր կապերով, բայց մանաւանդ ամէն սանձէ, փլանէ, օրէնքէ խոյս տուող իր թեքնիքովը, պատմուածքը այսօր չգտնուած գետին մըն է ամէն նախափորձի, ինչպէս էր քերթուածը մօտաւոր շրջանին։ Կենալով միայն սեռին գերազանց վարպետներէն Չեխովին առջեւ, որ մեծ ու նոր ժողովուրդի մը հոգեբանական անձուկը, անհուն ու անդարման վիշտերը, ընկերական ու գաղափարական թունաւորումները (intoxication) այնքան ժուժկալ ու պիրկ արուեստով մը խտացուց փոքրաթիւ էջերու կռնակին ու յաջողեցաւ արտաբերել այդ ամէնը անխորտակելի քանդակումով ու կենալով դարձեալ միւսին առջեւ (Մոփասան) որ հին ժողովուրդի մը ներկով ու ախտերով այլասերած հոգիին հէնքէն մատ երկարեց դէպի անկորուստ ու մշտառոյգ նեարդները, ու ելաւ այդ լարերով դէպի պարզ, մեծ, ադամանդի պէս քիչ ու մենաւոր ինքնափայլումները մարդերուն, ուրկէ կեանքը հեղուկ մարգարտացում մը կամ լերկ կպրացում մը կը թուի, կենալով, կ՚ըսեմ այդ գործերուն առջեւ, մենք տխրութեամբ կը դատենք անջրպետը, բախտը, որոնց ենթարկուած է որեւէ գրական սեռ մեզի նման աճպարարներու, միմոսներու ու, մանաւանդ` անգէտներու ձեռքին մէջ։ Ցաւ է ինծի այս հաստատումը։ Բայց չի դադրիր իրականութիւն ըլլալէ։ Ու ցաւ է դարձեալ, որ մեր գրողներուն մեր շինած սա անբարոյ պայմանները գերակշիռ դառնան ու նուաճեն գործին հետ գործաւորն ալ։ Իր լիութիւնը ուրիշ մարզի վրայ սպառող բանուոր մը իր յոգնութիւնն է, որ պիտի պտտցնէ հանգիստէն գողցած իր այս տաժանքին մէջ։ Այսպէս թէ այնպէս, հիմա, Խորհրդային Հայաստան, թէ Պոսթըն կամ Փարիզ, անիկա, պատմուածքը, հոմանիշ է անպատասխանտու, ժողովրդական պատկերուն բացատրութեամբ մը փչողական պատմումի։ Տարիներ ամբողջ մեզի տրուեցան հասարակէն ալ վար զրոյցներ, որոնք ատաղձուած են ընթացիկ բարբառով, զեղչուած են անշուշտ ասոր ներգոյակ աղէն ու համէն։ Մօտ է ատենը, երբ դռնապանի բարբաջանքը ու տիկիններու ներկուած, օտար բառերով՝ գնդասեղուած տիալոկը պիտի բարձրանան արուեստի պատրանքին, որովհետեւ իրականութի՜ւն են։ Այս չնչին, գռեհիկ իրապաշտութիւնը անմահ է իր աթոռին վրայ, որքան ատեն, որ մեր ընթերցող հասարակութիւնը իր բանուորի, ֆապրիքի մէջ աշխատող հաստատութեանը մէջ յարատեւէ։ Արեւելահայ աւանդութեան մը դէպի վատը, հասարակը այս զառածումը, զեղծանելը կը վախնամ, որ դպրոց դառնայ։ Վտանգը աւելի խոշոր է, երբ խօսքի, խօսակցութեան շնորհէն զուր այս ժողովուրդին համար դպրոցը շփոթէ փնտռուած, անհարազատ ասուլիսը (causerie) վերլուծական տինամիք միւս տիալոկին հետ, որ արեւմտեան ժողովուրդներու թատրոնը, ինչպէս նաեւ մէկ քանի մտածողներու (P. Valery եւ ուրիշներ) տրամասական մարզանքները ունի գետին իր ծաւալումին։ Մեր մէջ, ան արդէն վրայ տուած է քանի մը գեղեցիկ յատկութիւններ, որոնք մեր իրապաշտներուն գործը արուեստի տարին։

6

Ամէնէն ժողովրդական դէմքերուն մօտ իսկ անոնք պարզութիւն, սեղմութիւն, խնամուած մաքրութիւն, զգեստաւորման ու գործի հարազատութիւն կը պաշտպանեն զրոյցը թափթփած, հասարակ, անգոյն, անհորիզոն ու անխոր իրականութենէն, որոնք նորերուն պատմումները կ՚ընեն այնքան ձգձգուն ու անջիղ։ Տըխուր բան է հաստատել, որ յաջորդները, արուեստի տեսակէտէն աւելի բախտաւոր աստղի տակ հասակ առած, ներկայանան այսքան խակ ու անփոյթ ու փնտռել տան մեզի գործեր, որոնք սաղմ առին գեղի մը` աշխարհէն անտեղեակ, խուլ անկիւնները (Թլկատինցի, Զարդարեան) կամ իր գեղէն ու գեղացիներէն միայն հայեվար կարդալ գիտնալով զատուած, բայց ատով իսկ անմահ պատկերողէն, Հրանդէն։ Չեմ խօսիր Սրմաքէշխանլեանով Զօհրապով Կամսարականով Բաշալեանով Արփիարով սեւեռուած թանկ գեղեցկութեանց վրայ։ Ու պարզ ըլլալու համար կ՚աւելցնեմ անմիջապէս, որ հիմա պակսողը տաղանդ չէ (ինծի համար տաղանդը, զոր այնքան ապուշ հիացումով մը կը սիրենք փառաբանել, տժգոյն բառ մըն է, գրեթէ հոմանիշ կարգ մը բաներ ընելու ընդոծին դիւրութեան ու փափաքին, ճիշդ ինչպէս կը պատահի տղոց մօտ, որոնցմէ ոմանք ասեղը, ուրիշներ մկրատը աւելի թեթեւութեամբ ու ախորժով կը գործածեն ու սափրիչը կամ դերձակը կը յայտնեն դեռ կեանք չմտած), այլ՝ աշխատանքը, լրջութիւնը, կատարուածին գիտակցութիւնը, առանց որոնց տաղանդը կը վերածուի խոռոչաւոր բառի մը։ Տասը տարիէ ասդին մեր գրականութեան մէջ յայտնուեցան անուններ, բոլորն ալ պատերազմէն ասդին իրենց ոսկորները ճարած, որոնք մեզ խանդավառելու չափ առողջ ու լայն փթթումին յոյսը շողացուցին մեր նսեմացած հոգիներուն խորը։ Բայց քանի անուն արդարացուց մեր սպասումները։ Տասը տարիէ ասդին մեր աշխարհիկ մամուլը հարիւրներով պատմուածք տպեց, ոմանք վէպի պէս ծաւալուն ու   առատ։ Չեմ գիտեր, թէ քսան տարի ետքը իմ տեղս ուրիշ մը այդ ապրանքէն որքանին վրայ խօսելիք պիտի ունենայ իր ժամանակին։ Եւ սակայն քիչ բան կ՚աղարտէ այս մթերքին գեղեցկութիւնը։ Ու ցաւ է ինծի, որ չխորհին այդ քիչին։ Այս վշտոտ հաստատումը դառնութեան կը փոխուի իմ մէջ, երբ կը փորձեմ մօտենալ արեւելահայ արդի պատմուածքին, անո՛ր` որ պրոլետար արձակագիրներու կողմէ (ի՛նչ ալ սիրուն, բայց ապուշկեկ որակո՜ւմ. արձակագի՜ր, որ, օտարներու մօտ զուտ ուսուցողական ու մատենագիրները զետեղելու մտահոգութեամբ փակցուած, մեր մէջ կը զառածի նուիրագործուած իր իմաստէն ու կը պիտակէ որեւէ բան գրող յղացք մը, հերիք է, որ չափաբերուած չըլլայ, ճիշդ ու ճիշդ կրկնելով տաղաչափին դատողութիւնը իբր հականիշ) կը մշակուի այնքան սուրբ, առաքինի, ուղղափառ եռանդով ու ձգտումներով։ Արուեստի լուծէն ու պարտադրումներէն գրեթէ հիմնովին ազատ, այս սանձարձակութեան մէջ իսկ զետեղելով միակ արժանիք ու կարելի փառասիրութիւն, նիւթին ու պատգամին հպատակելու ստրկութեան տակ ծածկելով ահաւոր ծուլութիւն, անոնց մէջ, գրողը երջանիկ իր անմահ ու անկեղծ արհամարհանքովը, զոր սովոր է ալ նետելու արուեստի ճակտին, քաղքենի կեղտոտ կարգերու այդ կեղտոտ պերճանքին։

7

 

Հոն իսկ, ուր ջղուտ ու պարկեշտ տաղանդ մը կը միջամտէ (Ստեփան Զօրեան), այս յաւակնութիւնը, կողմնակալութիւնը չեն նետուիր երրորդ, չորրորդ փլանի։ Առհասարակ, այդ յօրինումները անմասն են ստեղծումի իսկութենէն (այն պտիկ մը քրիստոնեայ շնորհը, մեռոնը, որով մեր հայրերը կը սիրէին զանազանել մեր երեսները այլազգներուն կամ հոգեպէս այլազգներուն երեսէն), զոր կ՚ուրանան նիւթի եսէն խուսափող բոլոր զգացութիւններուն նման։ Անմասն են լեզուի եւ պուրժուա ճաշակին յարմար ուրիշ շնորհներէ, որոնց դէմ խաչակրութիւնը` յեղափոխական ծառայութիւն (service) կը նշանակէ։ Ու այսպէս անոնք կը նմանին, քիչ-քիչ պիտի նմանին պատրաստ այն նամակներուն, զորս կը գտնէինք մեր տղայութեան ճամիներու հրապարակէն, խմբագրուած ու պահ դրուած գղիաթին տակը, երանելի փաթթոցաւորներէն։ Պատրաստ կամ շրջելով տարազը` գտնելու համար սակայն նոյն իմաստը` չափու վրայ այս ապրանքները վիրաւոր են նման նիւթերէ անբաժան անհուն անփութութեամբ, կոշտութեամբ, հասարակութեամբ։ Այս արդիւնքը, ինչպէս գիտէք, չի հպատակիր գաղթային պայմաններու ծանրոցին։ Անոնց մօտ գրողը շատ-շատ կը տառապի կռնակէն, զոր չունի ընդհանրապէս։ Երանելի երկեր, որ ութսունամեայ կռնակներն ու կուզերը գիտէ մաշեցնել ու արդի կարգերուն տախտակին պէս հարթ-հաւասար ընծայել գրողներուն կռնակին հետ խղճմտանքն ալ։ Մնացեալը վարժութեան հարց է։ Չէ՞ որ նախակրթարանի մը մէջ դաս աւանդելու անկարող մարդեր՝ հոն համալսարանին մէկ աթոռին գահակալած են, նոյն այդ կռնակին հրաշքովը։ Թերեւս կը խաբուինք ու երեւոյթը կը վերագտնենք ուրիշ պատրանքի մը, որուն համեմատ երկու տող գիրը այնքան հմայք կ՚ունենայ մեր երկրին մէջ, որ ուրացած է Արեւմըտահայ ամբողջ գրականութիւնը, անոր մէջ չգտնելո՜վ այդ ճաշակէն երկու տող։ Դարձեալ, առնուազն կը շշմի մարդ, երբ ամերիկեան շուկաներու վրայով մեզի հրամցուած վաճառքին նետէ իր աչքը։ Չեմ յառաջանար` ամբողջ ապրանքը լուալու մէկ ջուրով։ Բայց կը տրտմիմ, որ ապրանքը զետեղելու պաշտօնը ստանձնող գործակատարին պէս ու անկէ աւելի սեփականատէրերը յօրինման մէջ զանցուած տաղանդը, ինքնատպութիւնը, գործնականութիւնը վատնեն վաճառման համար, հանդարտ ու անկնճիռ շահադիտութեամբ մը պիզնէսի մը վայել ռեքլամով, լրջութեամբ ու ախորժակով, հետքերով գուցէ գրական ունայնամտութեան, տպուելու փառքին ցարդ այլապէս անփոխարինելի առասպելը (շահ մըն է անշուշտ ասիկա, զոր պէտք է ընդգծել)։ Հոն է, որ կը հանդիպինք նոյն ատեն, այն չնաշխարհիկ, սիւնակներով երկարող ծանուցումներուն, որոնք կը յիշեցնեն դեղագործական տարօրինակ գրականութիւնը, նուիրւած Քինա-Լառոշին կամ Մորիւ ձկան, գրաւելով մեր օրաթերթերուն չորրորդ էջերը ու կը կրկնուին հիմա գրական սթոքին վրայ տաղանդով մը, ճարպիկութեամբ մը, որ կրնայ նախանձը շարժել վաւերածին վաճառորդներուն։

8

Տարբեր չէ բախտը վէպին, որ ենթարկուած է կատակա-ողբերգական նոյն հանդերձանքին։ Զարմանալի թուի թերեւս, բայց ինծի համար յատկանշական է, որ անիկա, մեր վէպը, արդիւնք չըլլայ ոչ մէկ պահանջի (ես չեմ ուրանար մեծութիւնները, որոնք կու գան ի հեճուկս ամէն փափաքի։ Բայց այդ բախտէն զրկուած է մեր գրականութիւնը)։ Մենք ունեցանք այսպէս ինքնակոչ ուրիշ վէպ մը, որ կիներու անգոյ դատը պաշտպանեց մեր մէջ . Տիւսաբ), բայց հեռանկարին, յոյսին արդարացումը ունէր իր ետեւէն։ Մեր յեղափոխական վէպը ուղղուած էր զանգուածին, որ կ՚ապրէր մեր հողերուն վրայ ու կը սպառէր, իր գոնէ վարժապետներովը, մատակարարուած ապրանքը։ Նոյնիսկ վերլուծական ու կիսով հոգեբանական մեր միւս վէպը, ան ալ կնոջ մը գործը (Տիկին Զ. Եսայեան) դժուարութիւն չէր քաշեր իր ընթերցողները հաւաքելու արեւմտեան արուեստին գոնէ քսուած մեր փոքրաթիւ ընտրանիէն։ Մեր երիտասարդ վէ՞պը։ -Չեմ կարծեր, որ աւելի ընթերցողներ ունենայ ան, քան բուն իսկ հեղինակները ու անոնց անմիջական շրջանակը։ Եւրոպական ջնարակը, որ կը պաշտպանէ այդ վէպին առաջին յաջող նմոյշը («Նահանջը առանց երգի») զայն կասկածելի կ՚ընէ մեր ընթերցող ու որձուած, այսինքն՝ Րաֆֆիէն մեկնող հասարակութեան (Համաստեղի համբաւը կը հպատակի ցեղային միւս տկարութեան, որ կը յայտնուի պատմուածքին հանդէպ մեր դիրքովը։ Մենք կը շփոթենք գրականութիւնը մարսողութեան ընկերացող քաղցր հաճոյքին հետ ու կը կարդանք այն կտորները, որոնց վայելումը (ըմբռնում, ընթերցման նիւթական հարց, սիկառին ու սուրճին համով ընդհատներովը սանդխաւորուած, - բոլորը կը միացնեն բառին մէջ) մարսողութեան կամ սիէսթին նիւթական շրջանը չ՚անցնիր։

Այդպիսի պէտքի մը համար ծնունդ առած է ատենին  մեր իրապաշտ նորավէպը։ Մի մոռնաք, որ ասոր ալ մարզը չէ փոխուած։ Գիրք չտուաւ մեզի շարժումը եւ, հետեւաբար, չունի գիրքին համեմատական անկախութիւնը)։ Անկէ դուրս ու դուրս դարձեալ Համաստեղի գործէն, ուր պարկեշտ ճիգ մը կը միանայ արուեստի պարկեշտ հասկացողութեան ու մտահոգութեան մը, ու դուրս դարձեալ մէկ-երկու փնտռուող անուններէ . Զօրեան, Ե. Այվազեան, Ա. Հայկազ, Ա. Սեւեան, որոնց իրացումներէն աւելի ճիգովն է, որ կը մնամ խանդավառուած, սպասելով, որ միւս հզօր զգայնութեամբ տղան, Վ. Շուշանեանը ազատագրէ ինքզինքը ծանծաղուտէն, ուր կը մխրճուի հետզհետէ), մնացեալը, ի՛նչ որ կը վաճառուի ամերիկեան հրապարակի վրայ, տարակուսական է, որ օրաթերթի կամ մեծ օրաթերթի-հանդէսի խոհանոցէն դուրս պէտքի մը բաւարարութիւն ընծայելէ։ Այս արդիւնքին մէջ դեր ունի, գրողներուն կամքէն աւելի` գործին նկարագիրը, որ տնտեսական  ձեռնարկ է Ամերիկայի մէջ։ Այդ ձեռնարկներուն մէջ հիմնական ազդակը տարաբախտաբար պայծառ, շեշտ ու հզօր ձգտումը չէ արուեստին ու արուեստով հաւատաւոր խումբի մը միջոցով կերպարանք առած, այլ` գործնապաշտ ու մեղմօրէն ալ բարոյապաշտ խառնուածքով մարմին մը, որ պարտաւոր է զգոյշ ու ճկուն ըլլալու։

9

Թերթ մը սնուցանողներու իմացական մակարդակը ու ասոր ատակուելու (adaptation) ստիպողութիւնը ես չէ, որ պիտի ուրանայի։ Ու անհերքելի, դառն փաստ է, որ մեր գաղթականութեանց նիւթապէս ամէնէն բարգաւաճները ըլլան հոգեպէս ամէնէն աղքատները։ Այս աղքատութիւնը կը տարածուի մինչեւ այն սահմանները, ուր փղշտացիներու երամակը կը մակաղի ու կը յօրանայ։ Ու փաստ է, որ հոն, ինչպէս հին աշխարհի մէջ, մեր իմացական վաւերատիպ ընտրանին, անոր արդի մշակոյթը վայելելու չափ բարակցուցած է իր ջիղերը (նորագոյններուն մէջ ասիկա հիւանդագին համեմատութիւններու կը հասնի, առանց այլեւայլի հերքելու համար արուեստի ամէն վայելք, որ մայրենի լեզուէն կու գայ) քիթի պոչով մօտենայ հարկադրաբար թերի հայեցի գործերուն։ Գուցէ այս յափրացումին ու զզուանքին պատճառը մեր քննադատութիւնն է նորէն, որ մեզի համար իսկ միջակ արժէքներ փորձեց ուռեցնել, հասցնելու համար զանոնք համաշխարհիկ արժէքներուն։ Տակաւին երէկ, ինծի կը տրուէր այս եղջերուաքաղերուն անկարող հանդիսատեսը ըլլալ։ Ողբացեալ Վարուժանին արցունքն էր պակաս այն կորակոր անկումին դէմ, զոր կրեց բնագիրին մէջ գեղեցիկ իր մէկ պոեման՝ «Հարճը», երբ փոխադրուեցաւ ֆրանսերէնի։ Ո՞վ զբաղեցաւ մեզի համար գլուխ-գործոց մը արժող «Սամուէլ»ով, երբ մտաւ միջազգային արժէքներու կրկէսը։ Կը յիշեմ ֆրանսական շաբաթաթերթի մը նախատական ըսուելու չափ խեղճ քանի մը տողերը։ Այսպէ՞ս։ Գիտեմ, որ լեգէոն են անոնք, որոնք նոյն այդ մարզերէն գովեստի սիւնակներ, տոմսակներ, տողեր դրացիական պիտի պոռան երեսիս. «Հապա մե՞նք»։ Այո՜։ Հապա իրե՜նք։ Այսինքն՝ մայրենի գրականութեան մէջ իսկ միջակէն վեր չելլող եղբայրակցութի՜ւնը աճպարարներուն, ռեքլամի սպասաւորներուն, ճղակոտոր փառասէրներուն, որոնք միշտ ալ ձեւը կը գտնեն իրենք զիրենք տիտղոսելու, պսակելու, ծիրանաւորելու։ Ո՛չ ոք այնքան կարօտ ունի այդ փառքերով խանդավառուելու, քան նսեմաբախտ մեր սերունդը։ Ու մասնաւորելով հարցը, ստիպուած եմ պոռալու այս անպատկառ սուտին, այս արժեզրկող խարդախումին բովանդակ զզուանքը բոլոր անոնց երեսին, որ մեր գրականութիւնը պատուանդան կ՚ընեն իրենց հաշիւներուն ու նպատակներուն։ Ծիծաղելի է համեստութեան հրաւէր մը բանաստեղծի մը համար, որ ինքզինքը թարգմանելով օտար լեզուի մը, իր հատորիկները կը պտտցնէ սալոնէ սալոն, ակադեմականէ ակադեմական, պինդերեսութեամբ, աղաչանքով երկու տող գովեստ կը փրցնէ, ու զանոնք խմբելով, մասնաւոր, գունագեղ թուղթերու վրայ տպելով՝ կը ցրուէ իր ապերախտ հայրենակիցներուն հիացում գնահատումին։ Ինչպէ՜ս չնախանձիլ բախտին այն միւսներուն, օտարներ այս անգամ, որոնք մեզի պէս փոքր ժողովուրդներու ծոցէն կը ծառանան իրենք իրենց ու կը քաշեն իրենց ձգումին աշխարհին աչքերը։ Բայց այս ամէնը ուրիշ տեղ ծեծուելիք հարց է։ Դառնալով մեր… ոչխարներուն, կը հաստատենք, թէ ատեն մը, երանելի օրեր, մենք ունէինք Աշուղ Շահնազարներ, Սմբատ Բիւրատներ, Քասիմներ ու դեռ ուրիշ աւելի խայտաբղէտ անուններ, տխուր ու անհնարին անուններ (մէկ-երկու տարի առաջ նոյն այդ Ամերիկան տօնեց յոբելեանը այդ կարգէ անունի մը, որուն գոյութեանը կը տեղեկանայի յոբելեանի ակադեմական ընդհանրականէն)։

10

Մեզի համար ցաւ չունէր այս դժբախտութիւնը։

Գիտէինք, որ անոնք հպարտ ու կարելի էին ընթերցողներու խոշոր մթերքովը։ Գաւառական միջակ քաղաքի մը կիսկտուր մատենադարանը, այդ օրերուն (կը վախնամ հիմա ալ տակաւին), ջախջախիչ առաւելութեամբ մը կարդացուելու մրցանիշը  կ՚արձանագրէր «Եըլտըզէն Սասուն»ին ու նմաններուն։ Առանց կասկածի գրաւ կը դնեմ, որ «Հայրենիք»ի ընթերցողները առաջնութեան պատիւը անվարան պիտի յատկացնէին «Մի Արճակցու պատմածը» ու այդ սեռէ ուրիշ տափակութիւններու։ Ու այսօրուան ամերիկահայ բազմապիտակ վիպողները նուա՞զ երջանիկ ու միամիտ են, քան յիշուած շրջանի սիրուած ու փնտռուած այդ հեղինակները։ Անուններ չեմ տար, աւելորդ ռեքլամ խնայած ըլլալու համար, քանի որ տիտղոս ու հասցէ նոյնիսկ փուշէ պսակով ու կարմիր քղամիդով, կը սրբացուին, կ՚ողջունուին խունկով ու մոմով ու իբր արժանիք կը պիտակուին սաղաւարտներու ճակատին, այնքան խորունկ է ու վեհ զգացումը, ծարաւը արուեստին սատարելու, ծառայելու։ Օրաթերթ ու հանդէսները ծնունդ տուին այս նոր տեսակին։ Ու մամուլը առաջնակարգ յաճախորդ մըն է, ինչպէս արտադրողը այս խոտեղէն սնունդին։ Տխո՞ւրը այս ամէնուն մէջ։ Անշո՛ւշտ որ կայ։ Այլապէս յիմարներուն փառքովը զբաղելու համար մարդ մտնելու էր նոյն դրօշին տակ։ Դժբախտութիւնը հո՛ն է, որ մակաբոյծ այդ բուսականութիւնը, ջուրոտ իր անկողինէն, փարթամ իր ուռճացումովը կը ներկայացնէ վտանգ մը, վաւերական արուեստին համար։ Ան կը խեղդէ այն միւս տեսակները, որոնք նիհար ու ազնուական՝ քարքարուտ իրենց լեռնակողերէն ի՛նչ տառապանք կը տառապին, ճարելու համար սրբազան աւիշը, ով գիտէ մինչեւ ո՛ր անդունդները ուղարկելով իրենց ճիգը, որ դատապարտուած են յաճախ թոռմելու իրենց գալարումներուն վրայ, զոհուած իրենց երազին։ Ու դաշտի, գետեզրի, մարագի պարարտները մտքերնուն չեն անցըներ մտահոգուիլ այդ կորուստով։ Բայց աւելի քան տխո՞ւրը։ Ա՛ն ալ ունինք արձանագրելու։ Թերթերու եւ հանդէսներու կապալառուները, իրենց թուղթէ դղեակներուն ապահովութեանը ետին, Պիղատոսէ մը աւելի անարգ կեղծիքով անգիտանալ կը փորձեն գոյութիւնը, կարելիութիւնն իսկ այդ տրամներուն։ Անոնք շատ լաւ գիտեն խաղաղել իրենց խղճմըտանքները վարձու ժողովրդավարութեան մը երկրաչափական վճիռովը, - Թերթը ժողովուրդին համար է։ Այսպէս է, որ կը պոռան երեսիս տասը տարիէ ի վեր։ Աս ահաւոր առածին տարողութիւնը մինչեւ խմբագրողներու յարկաբաժինը կը հասնի սակայն։ Անվաւեր անցեալով, եղկելի աւանդութիւններով մեր մշակոյթը ինկած է գարշապարին տակ մարդոց, խայտաբղէտ ու ճարտար, տիտղոսով թէ անվերադիր, պատուելի թէ անպատիւ, որոնք կը մեկնաբանեն, կը յարգեն, կը գործադրեն այդ աստուածային ճշմարտութիւնը, որ հայերէն կը թարգմանուի ապրիլ, ինքն ու իրեններով, մարդավայել կեանքով, բայց անօթի մեռցնել արուեստագէտը։ Ողբ չէ ասիկա, ոչ ալ` հեքիաթ։ Ազգային թերութիւն մը, որուն պիտի անդրադառնամ աւելի ետքը, շեշտուած ու սանձուած շահագործո՛ւմը, որ կը նեղէ մեզ՝ հանելուն համար մեր կռնակէն իմ չքմեղանքը։ Գրականութեան ծառայելու այս եղանակը կը հաշտուի մեծ գործի ճապուկ ու գովուած բնազդներուն հետ։ Բայց երանի անոր, որ դիմացաւ։ Ու պէտք է երկիւղած ականջով լսել անոնց միւս առածը. «Լողալ գիտե՞ս, տիրացո՛ւ»։

11

Այս արդիւնքին կը միջամտեն գուցէ պատճառներ- ժամանակ, տնտեսական պայմաններ ամբոխ։  Բայց  ես կը փորձեմ առաջին գիծի բերել երկու կարեւորագոյն ազդակներ, ա. - Մշակին ընդունակութիւնը, որուն ոսկորները շատ դիւրաւ կը թեքուին հսկայական ճիգէն, բ. - Սպառող հասարակութիւնը, որուն իմացական մակարդակը միտքին պորսան կը կազմէ եւ զոր յարգելու հարկադրուած են մեծերուն չափ պզտիկները, մանաւանդ պզտիկները, քանի որ առանց այդ հրապարակին ու ծփանքներուն յարմարելու կարողութեան, մեր գրողները սրբուած կ՚ըլլային շուկայէն [5] ։

Այս երկու ազդակներն ալ հաւասարապէս ունին իրենց բացասական դերը, մանաւանդ արժէքներու կազմաւորման տեսակէտէն։

 

12

 

Վարժապե՞տը, երբ ոտանաւոր չի գրեր կամ խմբագրական չի ստորագրեր, կ՚անգիտանայ հիմնովին մշակոյթ ըսուած երեւոյթը ու իր դժբախտ շղթաները քաշքշելէն սպառած, անօթի բերանը հոտելէն, սերունդ կը դաստիարակէ։ Տէրտէ՞րը։ Ու անո՞նք, որոնք վենետիկեան գրաբարով Արսէն Բագրատունիի ու Հ. Հիւրմիւզի քերթողականովը ողնուղեղուած, երբեմն-երբեմն կը խօսին ու կը գրեն, ողբալու համար Արտաշէսը ու «անցաւոր փառքերը»…։ Շատ բան փոխուած կ՚ըլլար մեր  գրականութեան մէջ, եթէ հասարակութեան այս աղկաղկ ու փխրուն ճաշակին ենթարկուելու տեղ, մեր գրողները -հոս կը հասկնամ վաւերական մարդեր- անո՛նք՝ որ ընելիք մը ճշդած են իրենց դժբախտ օրերուն համար ու կ՚ընեն ատիկա, անշեղ ու պարկեշտ, կարելին ընէին հոսանք ի վեր թիաշարժելու։ Բայց այդ հերոսութիւնը քիչերու փառասիրութիւնը կը գգուէ։ Հսկայ ճիգ ու նոյն ատեն, առնուազն պարարիչ հեռանկար հարկաւոր էին։ Ո՛չ մէկը եւ ոչ միւսը տրամադրելի ու կարելի է այսօր։ Առաջինին պատասխանատուն թերեւս ցեղին իսկ ճակատագիրը կը մնայ։ Զօրաւոր անհատներու անկարելիութիւնը սեփական ժողովուրդին ծոցը։ Երկրորդ պատեհութեան շնո՛րհը հեռանալ, կորսուիլ, մոռցուիլ, ողջ-ողջ թաղուիլ։ Ահա՛ թէ ինչու սիրեցինք քալել միջին ճաշակին հետ, յաճախ ետեւէն իսկ։ Ու լեգէոն են անոնք, որոնք երկրորդական կրթութենէ մը անցնելէ յետոյ, իրենց գրական ճաշակները, պահանջները, ըմբռնումները կը վստահին իրենց թերթին, մտաւոր առաջնորդներուն, որոնց ընտրութիւնը կը հպատակի ամէն ընտրութեանց օրէնքներուն աղմուկին, շռինդին։ Ասոր համար է, որ այսօր գրողներէն աւելի են քննադատները։ Ու կան նոյնիսկ շնորհունակներ, միշտ քննադատ, որոնք չեն զգար, թէ ինչքան ծիծաղելի բան է պարծենալ այդ ճաշակին անունով ու ինքզինքը ձեւել անոր ակռաներուն ու փորին ծաւալովը։ Մարդեր կան, միշտ քննադատ, որ երեսուն տարիէ ի վեր պուտ մը բան չեն աւելցուցած իրենց հետաքրքրութեանց պարունակէն, ու հրաշքը կ՚իրագործեն ամէն օր խօսելո՜ւ այդ հօտին։ Այսպէս կազմակերպուած այդ մակարդակը գրեթէ կը սպաննէ շեշտ, ցից գրողը, որ չի գիտեր ճկիլ։ Ան պիտի մեկուսացուի։ Պիտի գոցուին բոլոր դուռները անոր երեսին։

13

Ծերացած ու կամազուրկ ժողովուրդի մը զաւակ՝ մեր տաղանդները ո՛չ մէկ նպաստ կը գտնեն նոյն այդ ժողովուրդէն [6]  ու ժառանգաբար դատապարտուած են փսորելու այդ իսկ ճնշումով։ Անոնք կը վանուին, կը վռնտուին մեր իսկ սեփական մշակոյթէն, որուն միջին գիծը մինչեւ թաղականութեան կը բարձրանայ ու Երուանդ Օտեանով ու Պարոնեանով կը բաւարարուի։ Աւելի տխուր է այդ միջինէն ինքզինքը վեր կարծող մեր ինտելիգէնտ սոփեստութիւնը, ա՛ն՝ որ հիմա կուսակցական մարզերէ, պրոշիւրէ եւ ընկերային գիտութեանց խողովակներէ ճարուած ճաշակով մը մեր գրականութիւնը կը  սահմանադրէ ու  կը  կտրէ ամէն  նախաձեռնակ ոգի, գրողը ենթարկելով իր ամենահաս զէնքերուն։ Մեր գրականութիւնը փոքր, շնչատ, հատուածական գեղեցկութեանց առաջնորդող այդ բարեխառնութիւնը մեծագոյն վտանգն է, զոր չի բաւեր մատնանշել ղեւտացիներուն փաղանգին։ Ու տխուր է դարձեալ մեր գրողներուն ներքին փոքրութիւնը, ընկալուչ աւազանին նեղութիւնը։ Մեր գրողը կը ճնշուի օտար մշակոյթէն, որուն ըմբռնումը վեր չէ իր միտքէն, բայց որուն մէջ ընտանեցումը, զայն առանց նեղուելու հագնելու շնորհը դեռ չէ հայթայթած Արեւելքի դիւաններէն ծալք կապած իր ծունկերովն ու կոշտ կռնակովը։

 

14

Նոյն այդ նայուածքը, մնալու համար հետեւողական իր գիւղին՝ պիտի հաստատէր դարձեալ, որ քնարերգութիւնը -մինչեւ շատ մօտիկ շրջաններ մեր ստեղծագործ ճիգին լայնագոյն մարզը, ուր տրուած է մեզի ամէնէն մնայուն ու անխառն արժէքներուն բախտը- կ՚ընկրկի, յայտնի նուազումով մը [7] ։ Ամէն ատենէ աւելի է թիւը քնարահարներուն, բոլորովին անպեխէն սկսած մինչեւ գորշացածները, մինչեւ երեսուն տարիէ ի վեր մուսա հոլովողները։ Բայց մենք զրկուած կը մնանք ողջունելէ անուններ, որոնք եթէ ո՛չ փոխարինէին ինկողները, գոնէ՜ կորով ու նուիրում յայտնաբերէին, անկորուստ պահելու չափ անոնց աւանդութիւնները, ժողովրդական առումով՝ հուրքը։ Լքումը, որ ցեղային մեր երազին տապալումովը շեշտուած է մեր մէջ, կը թուի ծանրանալ բոլորին ալ վրայ։ Երէկուան տղաքը կը մտածեն, այդպէս կը կարծեն, զգալու անկարող ըլլալնուն։

15

Ու մէջտեղն է քերթողութեան նոր ձեւ մը, արեւելահայ ախտանիշերով, բարձրաթռիչ ու փչուած անոնց յեղափոխուած հռետորութիւնը պատշաճելով արեւմտեան զգայնութեան ու նրբացած իմացականութեան մը կարիքներուն։ Իր տարողութի՞ւնը։ Դեռ չէ ելած փորձի պարունակէն։ Լքում կը թուի ծանրանալ դարձեալ այն ցանցառ, մեծ ու դժբախտ քանի մը արուեստագէտներուն վրայ, որոնք դեռ կը պահեն տաղանդը իրենց անարդի, ազնուական ու խորունկ յուզումները հաղորդելու մեր ժխտող ու թերահաւատ հոգիներուն։ Կը դիմանան անոնք, հեղեղին մէջէն ամբարձիկ կաղնիներու նման, չգիտնալով ինչո՜ւն։ Ու խորհուրդի մը պէս պէտք է դիտել անոնց լռութիւնը [8] ։ Ու ասպարէզը բաց է ու ամայի, միւսներուն ու միւսներով։

16

Այսպէս պիտակուած, ու դասաւորուած, վիպողական այս զեռումին (pullulement) ու քնարերգական նուազման այս կրկնակ երեւոյթները բա՞ւ է արձանագրել ու անցնիլ։ Ասիկա պիտի գոհացնէր գուցէ քիչ մը շատ պարզապահանջ (simpliste) ու ընթացիկ ճաշակները որոնց մարձումը (dressement) ազնուօրէն ու բարձր անշահախնդրութեամբ մը ստանձնած ըլլալ կը թուին մեր քիչ ու շատ խելօք Դաւիթ ու անփոխարինելի գրական պահակները, հասարակաց ճեմելիքներուն վրայ, որպիսիներն են օրաթերթը, մատաղատի կամ տարեց, ոստիկանի մը չափ անգէտ, բայց անոնցմէ անհուն ու անծակ հպարտութեամբ ու երջանկութեամբ, հսկելով գրական պողոտաներուն, կիրթ ճաշակին մականներովը կրկնաւորած իրենց ակնոցներուն ու պեխերուն պերճ հմայքը, երբեմն փափո՜ւկ օրիորդներու դաս տալու ատեն, երբեմն ժպիրհ ու հեգնող, երբ գործ կ՚ունենան braconnierներու հետ։ Այն ատեն անոնց ցասումը՝ արդար ու վրէժխնդիր, արձագանգ կը գտնէ հասարակութեան մինչեւ խորագոյն խղճմտանքը։ Նուիրապետութեան այս խոնարհ պաշտօնեաներուն ետին դուք կը ճանչնա՞ք մեր այլապէս տիտղոսաւոր ու նուիրապետօրէն քննադատութիւնը, որ, իր կարգին, այս պարզադաշտ ոստիկաններուն, նախադատ ատենակալներուն առողջ, ուղղափառ սննդառութեան, բարոյական ու իմացական առո՜ղջ բարգաւաճման սպասը կը կատարէ, նախարարական այլուրութեամբ մը ու չի հասկնար իր վճիռներուն անկարելի, անդարմանելի միամտութիւնը։ Ո՞րն է սատանան, որ անհանգիստ կ՚ընէ այս մարդերը, ըսել տալու համար անոնց բաներ, որոնք մեր ծիծաղէն աւելի՝ ցաւին պատճառ կը դառնան։ Հեգնութի՞ւն։ Ո՞ղբ։

Դժուար է սակայն պարզ քմծիծաղով կարդալ ու անցնիլ վճիռներ, որոնց մէջ աղկաղկ, հասարակ պատմողի մը (մերիններէն) եւ մտքի ու արուեստի կիսաստուածի մը (օտարներէն) անունները քով քովի կը դրուին, մեր ամենալուրջ ու ստուար հանդէսներուն մէջ անգամ։ Սրտի սեղմում կու տայ մեզի ապշութեան, տգիտութեան, յաւակնութեան այս աստիճանը մարդերու մօտ, որոնց լիակատար դերը, մասնագիտութիւնը, կեանքին բովանդակ իմաստը գիրքերու գիտութիւնը միայն եղաւ։ Նորերու մօտ այս զառածումը մեզի օրհնութեամբ յիշել պիտի տար մեր ռոմանթիք քննադատութիւնը, ա՛ն` որ 1890էն կը սկսի, բայց աւելի տանելի կը մնայ։ Քննադատութեան դէմ ժխտական կեցուածք մը իմ կողմէս անհասկնալի է գուցէ քննադատներուն։ Բայց կը բաւէ մակերեսէն անդին տեսնելու ճիգ մը։ Այն ատեն պարզ է ամէն բան։

17

Ճիշդ է, որ քերթուածով խաչխչուած կամ պատմըուածքով սեւցած էջերը կը տառապին հաւասար ուժգնութեամբ մը ժամանակէն [9], որ մեզի համար աւելի քան աննպաստ է խորունկ ու լուրջ ճիգին ու ասով պայմանաւոր արժող ստեղծումին [10] ։

18

Ամէնէն նրբին ու սլացիկ, ու աչքի, ու հոգիի համար հաւասարապէս յուզում ու վայելք կազմող միւս մեծ արուեստը, ճարտարապետութիւնը հսկայ թրսթներու հաշիւներով շղթայակապ ու հլու, շահ ու նիւթ է անիկա հիմա, դարերով երազ ու աղօթք, բիւրեղ ու երկինք ըլլալէ վերջը։ Շատ-շատ անգեղ ու անհեթեթ կայարաններ կամ վաճառքի տուներ, երբեմն բաբելոնեան աշտարակներ։ Երեմիակա՞ն մը։ Երբե՛ք։ Ու հպարտութեամբ կ՚աւելցնեմ, որ ոգիին պատմութիւնը ոեւէ ատեն չէ արձանգրած աւելի ընդարձակ եղբայրակցութիւն մը Մաքուր Բանին սպասարկուներու։ Փոքր է անոնց թիւը, բայց լայն ու բաց` անոնց թեւերուն համար վաւերական խորհուրդին ու ստեղծումին ոլորտը։ Ու անոնք ուղիղ, բայց չյայտարարուած, վասնզի ոչ ցուցամոլ ճակատումն են զանգուածին ու ասոր յղփացած ու փղշտացի պաշտօնատարներէն կազմակերպուած ճազպանտին ու հարսներգութեանց։ Բա՞ւ է այս մխիթարութիւնը։ Օտարներու մօտ` այո՛։ Կազդուրիչ այս  պաշտամո՛ւնքը, հասարակաց հաղորդութի՛ւն մը արուեստի սեղաններէն։ Աշխարհի մեծ ու պզտիկ արձակութիւններէն նեղ-նեղ ճարուած, բայց ներքնապէս միատարր ու ամրակուռ այս փաղանգը կը փրկէ մտածումին վարկը ու քաղաքակրթութիւնը մեր ժամանակին։ Ու անոր զինուորները, որքան ալ յուսահատական փոքրութեանց վրայ տատանի իրենց թիւը, կը գօտեպնդուին իրարմով։ Ու կը նայինք, յուսաւէտ ու հաստատ օրերու, երբ ազգերու արիւնը պիտի ազատուի սանկ ու նանկ տարիներու, բայց մանաւանդ նիւթին ու երկաթին ճնշումով հոսելէն։ Մարդիկ պիտի հասկնան իրար, աւելի սերտ ու անկեղծ, երբ անոնց հոգիները իրարու դէմ գան։ Ասոր համար է, որ չենք լար։ Միջակներու այս կայսրութեան մէջ անոնք կը տանին ուխտը ու կը պահպանեն։ Խորհիլ ուրիշ ժամանակներու, երբ նոյն այս թաթը, այս անգամ ուրիշ պիտակով, կը հսկէր միտքին վրայ։ Ի՜նչ զոհողութիւն, հերոսութիւն, արիւն ու աճիւն է հարկ եղած դարերու վրայով, ազատելու համար մեր իմացականութիւնը հաստ ու բարբարոս բռնակալութիւններէ։ Բայց ընկրկում տեղի չէ ունեցած։ Այս հաւատքով է, որ կ՚ուրուագծուի մեր մռայլ ու արիւնամած անհասկացողութեանց, ատելութեանց ու փոքրութեանց վերեւ միւս արշալոյսը, Բանին արշալոյսը։ Մեր մէ՞ջ։ Անօգուտ է լացը, որքան անարժան։ Վասնզի ա՛ն՝ որ ուսերուն առած է անգամ մը անիծուած պատմուճանը, համոզուած է իր ճակատագիրին։ Ան գիտէ, որ պիտի անտեսուի։ Բայց զուսպ հերոսութեամբ մը պիտի հանդուրժէ անլուր տրամին։ Անլուր՝ վասնզի բուն դերակատարները այդ նահատակութեան ընտրուած են, բախտին դաժան մէկ հեգնութեամբը, ղեւտացիներէն, որոնք ուխտագրուած են տապանակի պաշտամունքին։ Ան պիտի նայի քաղցրութեամբ ու ներող մեր թուքոտ հիացումին ու շողարձակ ներբողեաններուն, ուղղուած իմաստի ներկուած ու ժպտեալ աթոռակալներու հասցէին, որոնք գրականութեան ու խորհուրդին մասնատուփերը գեղջուկ տէրտէրի մը լրջութեամբը կ՚ովսաննայեն ու ցոյցի կը հանեն, իրենց շուրջառը ու քրմական դէմքերը փառաւորելու եղերապարտ փառասիրութեամբ, ի սփիւռս  աշխարհի, ու ահաւոր կեղծիքով մը երբեմն միամիտ անգիտութեամբ մը տեսնելու չեն գար իրենց աւերածն ու կործանումները։

19

Այսպէսով է, որ սպաննած են, այդ արջու ծառայութեամբ, դարաւոր անցեալի մը հեռանկարէն մեր վրայ դիզուած հմայքը, հնութեան կամ ուրիշ տեսակէտներով ճարուած, բայց իրական։ Իրենց ազազուն անձնաւորութեանց հասցէին քանի մը ածականի կամ աւելի ստոր` իրենց քսակներուն քանի մը կինէ ապահովելու համար անլուր սրբապղծութեամբ մը շահագործած են մեր նոր հեքիաթը, մեր մարտիրոսութիւնը աշխարհէ աշխարհ։ Անոնք մերկացուցած են մեզ մեր գեղեցկութիւններէն` օտարները անոնցմով շլացնելու գուցէ ներքուստ ուրացուած, բայց դուրսէն քնարերգուած արժէքներէ ճառելով հո՛ն` ուր պարկեշտ աչք մը իր թարթիչները պիտի կապէր խնայելու համար իր ամօթը կրկէսին։

Գիտակցուած կամ ոչ, այս առաքելութեան պտուղը վայելեցինք, երբ մեր ողբերգութիւնը այսպէս պտտցուցինք մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք ու խորտակեցինք մեր իսկ ձեռքերով մեր այնքան պարզ, սրտառուչ Դատը։ Զառածած չեմ ուրիշ գետինի, վասնզի մեր գրագէտներուն մեծ մասին գոյութեան հարցը (raison d’Սtre) կը պայմանաւորուի մեր քաղաքական ճակատագրով։ Պէտք է ձգել իրենց մեղքին վայելումին մէջ այն միւսները, որոնք աս ու ան միջոցներով իրենց գործը կարծած են վերցնել եւրոպական հրապարակ, ու ակադեմականներէ, օրագրողներէ, երբեմն արգահատովի, երբեմն վճարովի հայթայթուած գովեստները ամիսը հեղ մը կը շեփորեն մեր գլխուն վրայէն կամ թռուցիկներով, «պաշտօնական տեղեկագիր»ներով իրենց մեծութիւնը կը պատգամեն աշխարհէ աշխարհ։

20

Ճիշդ է, որ տառապանքը խորացնելու մէջ դեր ունին դարձեալ բացառիկ, անկարելի ըսելու չափ դառն այն պայմանները, որոնցմէ տախտապարակ նուաճուած է մեր իմացական ընտրանին, բաժնելով զանգուածին ճակատագիրը, բայց անկէ աւելի խոցուած, անարշալոյս ու    անպատսպար [11] ։

21

Ո՞րն է այն երանելի անկիւնը կամ փարթամ ոստանը, որոնց մէջ, ցոյց տուէք խնդրեմ, կարելի ըլլար գոնէ տարրական, բայց պարկեշտ համակրանք հաստատել իմաստին ու ասոր թշուառ գործաւորին հանդէպ։

Յոբելեաննե՞րը։

Բայց չեմ գիտեր կա՞յ գրագէտ մը, որ մեռելի միս ծամելու զգայութեամբ, ամէն օր պիտի չործնու այն պատառ մը հացը, զոր սարքողները այնքան թշուառական միջոցներով կը խուզեն մեր ժողովուրդէն, այսինքն՝ այն ժողովուրդէն, որուն սիրտը բա՜ց է գթութեան ամէն ձեռնարկի։ Որ, ժամուն ու աղքատախնամի գանձանակներուն իր խղճմտանքը վճարողի յուզումով կը մասնակցի հանդէսին։

Ու դառն է մտածել այս գերագոյն հարուածին, աւելի քան ստորացուցիչ, թխմուած այս պատառով պուկին մէջ այն մարդուն, որ խենթ է կամ խելօք, իր հասկցածին պէս ծառայած է ժողովուրդին ու ծերութեան կեդրոնէն, կորաքամակ, կը շուլլուի մահուան զառիվերին, աւելի տկլոր, քան փողոցէն անցնող յետին բեռնակիրը։ Մեր յոբելեանները կը նուիրագործեն մեր քաղքենիին ցինիզմը, գործածելու համար քիչ մը հինցած պատկեր մը։ Հապա մինչեւ յոբելեանի քարակոփ կամարնե՞րը։ Ո՞րն է այն գրողը, որ ապրած ըլլայ իր տաղանդով, միմիայն իր տաղանդով ու ստիպուած չըլլայ անկէ դուրս բոլոր ընդունակութիւնները, բոլոր ստորացումները, կարճ բոլոր ստուերոտ ու լռելեայն լարերը փորձելու։ Հոս է եղերականը։

Նոր ժամանակներու իմացական մեր բոլոր ձեռնարկները, փոքր, բայց հաստատ նուաճումները կատարուած են, ու ի՞նչ սպառումներու, զոհողութիւններու, մահերու գնով, ի հեճուկս անոնց, որոնց մեր շատ գիտցող, ողջամիտ, լուրջ տրամաբանութիւնը պարտք ու պաշտօն էր յանձնած մատակարարելու միջոցները մեր ցեղային առաքինութեանց պահպանումին, հսկելու անոնց վառարաններուն  անշէջ  գործունէութեան  ու  սպառազինելու մեր միտքին զաւակները նոր առաքելութեանց ի խնդիր։

Մեր դպրոցները իրենց դէմքը կը պարտին այն մարդոց, որոնք անխելք եղան իրենց վրայ յարուցանելու թաղականութեանց եւ հոգաբարձութեանց պաշտօնական, գուցէ մեր ազգային սահմանադրութեամբ հրամանագրուած յարձակումները եւ, ի վերջոյ, հալածանքը։

Մեր գրականութիւնը գործն է խենթերու, որոնք այդպէս ամրակուռ պաշտօնական մարմիններուն դէմ հսկայ պայքարը լարեցին, տարին եւ անօթի մեռան [12] ։

22

Արուեստագէտներուն թուլութեան, ապիկարութեան հեքիաթին տալով պատշաճ բաժինը, պէտք է զբաղիլ միւսներով, այսինքն՝ խառնածին մարդերով, որոնք զգեստ փոխելու դիւրութեամբ մը կը յայտնեն իրենց ընդունակութեանց շտեմարանները։ Երէկ վաճառականի քարտուղար, ապահովագրական ընկերութեան մը կամ պանքայի մը համարակալ եւ կամ պետական (օտար անշուշտ) մարզի վրայ տիտղոսաւոր աշխատող, կ՚անցնին ազգային մշակութային գետիններու ու կը «ծառայեն»։

Անգամ մը այդ աթոռներուն «տեառնագրուելէ» յետոյ, զգուշութեամբ կը ծրարեն մէկդի փոքր, գունատ շուրջառն ալ իմաստի աստիճանաւորին (բոլորն ալ առնուազն bachelier են) ու կը մտնեն գազանազուսպի իրենց համազգեստին մէջ։ Քանի մը տարի վերջ, հին մշակէն, «վաստասէր»էն ո՛չ իսկ մոյնքը կը մնայ նոր տիպարին վրայ, որ գէրցած «ազգին իւղովը», ինչպէս սովորութիւն է ըսել, հաստցած նոյն իւղով, մանաւանդ ուղեղէն, կ՚առաջանայ ուրացութեան մէջ հսկայաքայլ։ Խոհեմ է անիկա, տնտեսող, սմսեղուկ, խելացի՝ իմաստին ամէն ընձիւղ, որ անմիջական շահ չի խոստանար, մկրտելու մէջ, նախանձը շարժելու չափ, վերահսկիչ վարչագէտին, ելեւմտագէտին, մեր այսպէս անուանուած ազգային իշխանութեան, որուն համար մեր մշակոյթը, շարականն ու տէրտէրը չ՚անցնիր։ Ուրիշները տանողներուն բոլոր քմայքները տարփողելու գնով մը։ Ո՜վ պիտի տար ինծի 1860ը, ուր մտաւորականին համար օրակարգ էին ընդվզումն ու պայքարը դրամի, աթոռի, ազդեցութեան իշխաններուն դէմ։ Հիմա անոր առաջին առաքինութիւնը դրամին ու անոր ներկայացուցիչին հետ հաշտութեան եզր մը, հնարք մը ճարելու ընդունակութիւնն է։ Մտաւորականէն զառածած պաշտօնատարը պիտի վարէ իմաստին վարչութիւնը իր գետնաքարշ, չըսելու համար զզուանքի բառը, շուկայի հանգանակովը, դրամի տուներուն մէջ յարգուած վարչաձեւով ու օրէնքներով։ Պարբերաթերթ կամ «օգտաշատ» մատեաններ պիտի մատուցանէ մեր ողջմիտ հասարակութեան սնունդ պիտի «ջամբէ» աղքատիկ տղոց համալսարանական խողովակումը, պիտի պաշտպանէ միջակութիւնը, քարոզը, ազգին բարոյական մակարդակը, հայ ընտանեկան սրբութիւնը, նոյնիսկ եկեղեցին ու անոր աւանդութիւնները, տակաւին քիչ մը «քաղքըցի»ներ, մանաւանդ ու մանաւանդ շաբաթական… յիսուն տոլարը, բայց պիտի ուրանայ արուեստին, ստեղծումին, մնայուն եւ ոչ առօրեայ արժէքներուն ետեւէն ամէն թելադրութիւն։ Կ՚արժէ՞ խօսիլ անոր ծրագիրներուն վրայ, որոնք հոգն ունին օտար ափերու մեր մշակոյթին, անոր զարգացման, պահպանմանը, բայց մշակը անօթի մեռցնելու ճարտարութեամբ։ Կ՚արժէ սակայն ծանօթանալ մշակոյթի մասին անոր դաստակերտած ըմբռնումին, բացառապէս գործնապաշտ ու հաստ, որուն սահմանները մինչեւ ամերիկեան ժողովարանները կը հասնին ու կը մարին անոր պատերուն։ Մտքէս չ՚անցնիր նախատել ո՛չ մէկ խորունկ ու անկեղծ ըմբռնում։ Կրօնական խտիրը ծիծաղելի է իբրեւ բառ անգամ մէջտեղ նետել։ Բայց զզուելի են այն մարդերը, որոնք ամէն հաւատքէ, ամէն սրբութենէ պարպուած, ասոնց վաճառումը, ասոնց «սիրոյն» իրենց նուիրումը կը ցուցադրեն ամէն տեղ ու մեր մշակոյթին ուղղուած պուտիկ մը արեւն ալ կը գրպանեն։ Պոլսոյ մէջ ես ունիմ դառն փորձառութիւնը այս ահաւոր աղէտին։

23

Այդ անզգած, որովհետեւ ամերիկեան, ճաղատ, ապազգային, էգ ու անբանացնող մշակոյթը մեր քաղքենին ընդմիշտ հեռացուց մեր ցեղային աւազանէն, սատարելով մեր աղէտին, քանի որ ազգային հարցը ձգուած էր գետին ու հասողութիւնը միայն «հոգիով հարուստներուն»։ Այդ մշակոյթին միջնաբերդը ատելի ընել յաջողեցաւ մեր զաւակներուն՝ մեր սրբութիւններէն ամէնէն հզօրը, լեզուն։ Վարկաբեկ ըրաւ մեր միւս սրբութիւնը, եկեղեցին, ցամքեցնելով մեր մէջ գուրգուրանքի, պաշտամունքի թելերը, որոնցմով մենք ապրեցուցեր էինք մեր ցեղին երազը ամէնէն անմշակ հոգիներուն իսկ խորը։ Այդ մշակոյթը մինչեւ այսօր, մանաւանդ նոր աշխարհի մէջ, ի՜նչ երջանիկ գիրքեր կեանքի կը կանչէ, որոնք մահուան անգամ անարժան են ծնելու իրաւունք չունենալնուն։ Տարօրինակ, իրա՛ւ որ, մեր ժողովուրդը։ Որուն իմացականութիւնը այնքան հաստ ու նախնական, բայց որուն այնքան առողջ բնազդը կրցաւ ամբողջ դարու մը վրայ, առանց արդի մեծատուններու վարկին, իր արիւնին, հոգիին փոքր կաթիլներովը կանգուն պահել մշակոյթի իր վառարանները, բայց չկրցաւ անոնց վարչութիւնը ազատագրել դրամին դեղին ճնշումէն։ Վաւերական կամ փչուած տաղանդներու ի՜նչ մուրացկան, ի՜նչ անօթի ցիրուցանում է հայ մտաւորականութիւն որակուած սիրտէ հեռու, նախատակոծ թիապարտներու այն խումբը, գերի խումբը (անճիշդ չէ այս ձեւ պատկերել մեր իրական գրագէտներուն «Նոր բաբելոնը») որ, ընդդէմ բոլոր քարերու, թուքերու, փուշերու, հեւասպառ, արիւնամած, բայց ուսամբարձ պիտի տանի մեր խորհուրդին տապանակը, մինչ դէմէն, այդ ճիգին ծաղրածու, պիտի փքուի միւս ընկերակցութիւնը, բարգաւաճ ու գէր, ա՛ն՝ որ սողոսկելով կամ դաւելով, լրբութեամբ կամ շողոմով, «բայց անքակտելի իմն հեղիւսուած» կը մնայ իմաստին բագիններուն, կը շահագործէ օրգանները ու, սարսափախառն հեշտանքով՝ կը նայի տաժանակիրներու թափօրին, ձեռքերը շփելէն ու օրհնելէն Յիսուս Քրիստոսը, Լուտերն ու Հոգին Սուրբը, չհաւատալով ներսէն մեր անյատակ յիմարութեան ու պատահած հրաշքին։ Բայց մանաւանդ ուրանալով իր իսկ կոխած տախտակը ներսէն։ Սուտ, կեղծիք։ Շանթաժ եւ Նեպոթիզմ։ Գիտութիւն ու կրօնք։ Բարիք ու մշակոյթ։ Ա՜խ, այս ոսկեզօծ, բայց պալար բառերը, որոնք ցուցատախտակներու պէս մեզ կը պաշտպանեն ու կը ծածկեն մեր նեարդներուն որդերը։ Երբեք արժանիք, զոր աւելորդ, վնասակար կը գտնենք։ Երբեք խելք, զոր չենք հասկնար ու շան նման գզել տուած ենք շուկայի քերականութիւն որակուած գազանին։ Երբեք պարկեշտութիւն, որ մեր լեզուով տկարութիւն, անճարակութիւն կը թարգմանուի։ Ա՛լ չեմ համարձակիր այս գիծին վրայ կանչել տաղանդը, որուն թշնամի ենք ի ծնէ, մեծով պզտիկով, զոր կը վերապահենք ամէնքս մինակ մեզի, որմէ կ՚ազատինք, երբ պողպատը քիչ մը զօրաւոր իյնայ, պզտիկ ու տակէն հարուածներով։ Այսպէսով է, որ բոլոր իմաստի կրկէսները գրաւուած կը մնան ճարտար լարախաղացներէ։

24

Կուսակցութիւն, ազգային իշխանութիւն, անջատ կազմակերպութիւններ, մամուլ՝ բոլորին մէջ ալ տեղ չկայ տաղանդին, երբ ասոր «ջուրը» շատ նկած է։ Անիկա պիտի մեկուսացուի քիչիկ-քիչիկ ու պիտի հրուի խոռոչի մը ողջ գերեզմանումին։ Հեքիաթին Այա՜քսը։ Որչափ իրաւ է անիկա։ Օտարներու մօտ այս բարքերը չափով մը կը հակակշռուին, թէեւ հոն ալ տաղանդը կասկածելի կը նկատուի վարչական շրջանակներու մէջ։

Բայց վերջապէս պետութիւն ըսուած դրութիւն մը կայ հոն, որ մուտք ու կարելիութիւն թողած է -համեմատական անշուշտ- արժանիքին, որ կը տառապի, «յամուրդի ու զուսպ», բայց կը հասնի երբեմն իր աշտանակին։ Արդի հանրավարութիւնը կ՚ատէ իմաստը ու անոր ներկայացուցիչները։ Յետ մահու ունայն փառքի մը գզրոցները տրամադրելի ընելով անոնց գորշ, սեւ ներկային ետեւէն։ Մեր մէջ մտքին շղթաները զարնուած են աւելի քան խիստ ու Արտաւազդի շուները անբաւական են ու անզօր դարբիններու հսկայ բանակին դիմաց։ Ու անխուսափելին։ Արուեստագէտը պարտաւոր է իր մէջքը ճկել դրամի հեծեալին, ուրիշ տեղ մը իշխանութեան (քովիկը դրէք մոգական վերադիրը) հեծեալին, եթէ չէ վճռած անօթի ճաթիլ մէջտեղէն (մտածման ու վերլուծման նիւթ է միւս կողմէն ուրիշ երեւոյթ մը, որուն համեմատ այս անկումին մէջ բաժին ունին մեր գրողներու պալատական, գէշ բառով մը` պնակալէզ բարքերը)։ Մեր կրթական հաստատութիւնները, ու մեր իմաստին բոլոր օրգանները ստիպուած են խարանը առնել հեծեալի ձիուն սմբակներուն։ Արդէն իսկ մեր տղաքը, անո՛նք՝ որ վաղուան ընտրանին կը կրեն իրենց մէջ, կը գնահատեն դասը այդ խարանին։ Դիտեցէք ու պիտի համոզուիք այդ ոգիին ամրակալութեանը վրայ։ Նիւթին նուիրուած հաստատութեանց թոշակաւորները միայն իրաւունք ունին օգտուելու մեր կարգ մը նպաստներէն։ Մենք զոհողութիւն ու հոգ կը դնենք՝ տղաքը մեծ եսասէրներ պատրաստելու գործին մէջ ու կը պաշտպանենք անոնք, որ արհեստագիտական վկայական մը գրպանը պիտի ապրին մեր կռնակին, միայն ու միայն իրենց համար։ Բայց անկարելի կը դարձնենք նպաստաւորուիլը միւսներուն, որոնք գէշ կամ աղէկ պիտի ապրին այս ժողովուրդին հոգիին հետ ու համար։ Ու զարմանալու չէ, երբ անոնք, այդ տղաքը, ըմբռնեն    իմաստը այս մտայնութեան, արհամարհեն հոգին, անշահախնդիր մշակումը, բոլոր այն բաները, որոնք չոր զարդերը կը կազմեն ուղեղին, ու կը վազեն ետեւէն այն բաներուն, որոնք ընդունակ են «հաց» բերելու։

25

Ճիշդ կրնան ըլլալ տակաւին հոս ու հոն բանաձեւուած [13] խոշոր, փայլուն, գեղեցիկ տարազները, որոնք արուեստի գործի մը համար զանգուած, հող, աւանդութիւն, ոգի եւ տակաւին նմանօրինակ entitéներ կը քուէարկեն ու կը դատեն մեր գրագէտները այդ օրէնքներուն լոյսովը։ Իրաւունքին բաժի՞նը այս պահանջումներուն մէջ, ես չէ, որ ուրանայի պիտի։ Բայց այդ քաջարի, բարեացակամութեամբ տիկ եղած տրիբունները, այդ սպեղանիներու կարգին ինչ որ կը մոռնան, գրեթէ հիմնականն է, չըսելու համար՝ անխուսափելին։ Անոնք կ՚ուրանան, եթէ չեն մոռնար, արուեստագէտը։ Վասնզի, եթէ անոնց մէկ մասը դեռ կ՚անգիտանայ խոշոր տեսողութեանց ինքնաբաւութիւնը ու արուեստին շուրջը կ՚ըսէ անկնիք խեղճ  բաներ հեծկլտանքով  ու  բացագանչութեամբ բարեխառնուած, միամիտ ու ծիծաղելիէն ալ դուրս, միւս մասը, ա՛ն՝ որ ընկերային գերութեանց պողոտաները մաշեցուցած է տարիներով, գործած ու քարոզած այս ժողովուրդին մէջ, կռնակ տուած հաստ դրութիւնները, իր պատգամները կը համեմէ, ի՛նչ կ՚ըսեմ, որ սպառազինէ մեծաշռինդ անուններով ու համբաւառատ վարդապետութիւններով։ Դիմացէն մարդ կը վարանի այսքան նուիրական տարազներով գրեթէ թապու դարձած դպրոցին մօտենալ։ Բայց կը կարծեմ, թէ աւելի պարկեշտ բան մըն է երեւոյթները դիտել փոքր, պարզը, փորձն ու հակափորձը կարելի տուեալներով, մանաւանդ մեր մէջ, ուր գրականութիւնը այնքան յստակ, քիչ, դիւրաւ պարագրելի շրջաններու վերածուած է ինքնին, ու չի կրկներ բարդութիւնը, թնճուկը ընկերային ուրիշ ծփանքներուն, օրինակի մը համար, մեր յեղափոխութեան  ու  անոր  ստացած հակամարտ  արձագանգին։

26

Վասնզի ինծի ու ինչպէս իրենց համար եղերօրէն ստոյգ է, որ աշխարհի բոլոր ծանօթութիւնները, նոյնիսկ լիովին մարսուած ու casռ (հակառակն է, որ ճիշդ է մերիններուն մեծ մասին մօտ) անբաւական են, աւա՜ղ փայտէ մարդ մը արուեստագէտի վերածելու։ Այս է պատճառը, որ այնքան շատ ըլլան գրողները ու այնքան քիչ՝ գրագէտները։ Մեր գրականութեան մէջ իրենց այնքան «բարձրագոյն» տեղ մը վերագրող քննադատներուն բոլոր հատորները, բայց ամբողջութեամբ, ես չեմ փոխեր, օրինակի մը համար, Հրանդի մէկ հատիկ պատկերին հետ։ Ու ծանօթ է ձեզի թերեւս իրողութիւնը, որուն համեմատ Հրանդ կ՚անգիտանար, սորված չըլլալուն այդ թղթեղէնը ու անոր մէջ զմռսուած, զարդանկարուած օրէնքները։ Ամէն տեսաբան, քննադատի մէջ եթէ դասախօս մը չկայ, որ ասպարէզին պարտքը հաճեցնելու համար ստիպուած է իր դասերը գրելու երբեմն ու ասիկա անհանդուրժելի, անկնիք, գորշ ոճով մը (ականջը խօսի մեր արեւելահայ դոկտորներուն), կայ սկսնակ փառամոլ մը, որ աղմուկին սիրոյն պիտի շարժուձեւէ աջ ու ձախ ու պիտի ըսէ փցուն ու պոռոտ բաներ, առանց նեղուելու, վասնզի իր բերանն է միայն մաս առնողը այս վայբերանութեանց մէջ։ Կայ մանաւանդ գրագէտը, վրիպածը, որ իր չկրցածը ուրիշներէն ուզելու անպատկառ սոփեստութիւնը կը ջանայ վարագուրել տարազներու, յատուկ անուններու, մեծաշռինդ վկայութիւններու, երբեմն զուտ լիթիւրժիք բառակոյտի մը խայտաճամուկ պարեգօտովը ու կը… քրմանայ։ Գիտե՜մ, ջախջախիչ ու անթիւ են անոնց փաստերը, որոնք մկրտուած են ուղղափառ աւազաններու մէջ ու դրոշմը կրող մեծ տեսաբաններու։ Գիտեմ, թէ արդի մշակոյթին թաքուն զսպանակները անոնք պիտի կապեն ամէնէն շատ յեղյեղուած անուններու, որոնք երկրէ երկիր իմաստին հաշուեկշիռը կ՚ընեն… օտարին դրամին վրայ աշխատող հաշուեքննիչներուն դերով։ Բայց հարկ չկայ աճապարանքի։ Քսանհինգ տարին բաւ եղաւ, որ աղօտ յիշատակի մը վերածուի մեծագոյն աղմուկ հանող քննադատը՝ Անուն։ Թող բարեհաճին իրենց ետեւը նայելու։ Պիտի գտնեն ուզածնուն չափ։ Վասնզի քննադատը դերասան մըն է, ուրիշ գրեթէ ոչինչ։ Ո՞ր դերասանը կրցած է իր անունը փրկել։ Տխուր է ասիկա, բայց չի դադրիր ճիշդ ըլլալէ։ Մինչդեռ գործերը կ՚ապրին։ Զի արուեստի գործը կը բաւէ ինքն իրեն։ Զայն մեկնելը աւելորդ է, երբ սիրելու չ՚առաջնորդեր։ Ու գիտենք, թէ սիրելու անընդունակ արարածը քննադատն է, տեսակ մը արուեստի ներքինի, որ կը յաւակնի կեանքին problèmeը դատելու, հասկնալու, հասկցնելու ուրիշներւ վրայ, բայց դաժան հեգնութեամբ մը ինքնիրմէ՜ն մեկնելով։ Արդիւնքը որոշ է։ Բայց պէտք է արդար ըլլալ… ներքինին նոր չէ, որ կը տիրէ։ Ու մարդիկ նոր չէ, որ պիտի խոնարհին մեծ կամ փոքր քահանաներու, քրմապետներու առջեւ։

Ասիկա՝ բացատրելու համար անոր մուշտակաւոր կամ ծիրանազգեստ արձանը։ Ու ասիկա դարձեալ ըսելու համար սրտին կշիռը, որ այդ փառքերը անդադար կը կրծէ, փոշիացնելու համար երբեմն շատ կանուխ։

27

Զատել, ցցել մանաւանդ անհատին տեղը, դերը, բաժինը, որ կը գլէ ու կ՚անցնի բոլոր օրինագիրքերը, հանգանակները ու քարոզները [14] ։ Տարազները գրագէտ մը ճանչնալու, դասաւորելու մէջ ունին չորրորդական դեր։ Մանաւանդ գրականութիւն մը առաջնորդելու հարցին մէջ անոնց ազդեցութիւնը պայմանաւորած է զանոնք յղացողներու ստեղծագործ ուժովը։ Անոնք կ՚արժեն, ինչ որ կ՚արժէ կամքը այդ մարդերուն, ո՛չ թէ խելքը։ Մեր գրականութիւնը իր լաւագոյն բիւրեղացումները իրագործած էր արդէն քննադատութեան մուտքին առաջ (1890)։ Ո՞րն է գործը, որ ուղղակի ենթարկուէր տարազային բխումին։

28

Մեր Վարուժանը, նկատի ունենալու համար նորագոյն դէմք մը [15], ի՛նչ աղերս կը ներկայացնէ մեր քննադատութեան տուեալներուն հետ։ Ինծի կու գայ, թէ օտարներու գեղեցկութեանց հաղորդ մեր տղաքը, մեր գրականութեան անյարիր, հիւծախտաւոր  ու  թշուառ սա պատկերին դէմ իրենց զգացած ցաւը կը փոխադրեն տարազներու վրէժին։ Կամ, իրենց սորվածները ցուցադրելու պէտքին չափ, զանոնք բանի մը ծառայեցնելու արդար, բայց միամիտ փառասիրութիւնը կը վարէ իրենց հաւատումները։ Իրենց հետ չենք, երբ ամէն բան կը բեռցնեն պատահարներու հարկադրանքին, որ տիրական է, ընկճող է փոքր անհատականութեանց մեր ուսերուն։ Արուեստի գործը մեծ է թերեւս, ո՛չ թէ իր ժամանակը, ցեղը, տէթերմինիստ տարազները փաստելով այլ… հերքելով, ինչպէս պէտք է ըսած ըլլամ ուրիշ տեղ։ Միջակութի՞ւնը։ Այո՛։ Զայն պիտի գտնենք ամէնէն աւելի հաստատ բազմածը շրջանի մը տիպար գործերուն մէջ։ Ով որ կ՚ուզէ ճշգրիտ գաղափար մը կազմել ի մեր մտայնութեան, արուեստի ըմբռնումներուն, միջին ու ընթացիկ ճաշակին վրայ, պէտք է կարդայ Մ, Պէշիկթաշլեանի, Ս, Ֆէլէկեանի, Տիգրան Սէթեանի ու այլոց երգահանութիւնը ու աւուր պատշաճի յօրինումները կնունքի, մեկնումի, վերադարձի, մահուան, ծնունդի, ամուսնութեան  դրուագներու վրայով։  Պիտի  խաբուէր  անիկա Դուրեանէն, որ յիսուն տարի առնուազն կը կանխէ իր ժամանակը, իր տաղանդին անմահ մասովը։ Զարտուղութիւնը օրէնք է հոս։ Թող աչք նետեն տարազի ասպետները Խորհրդային Հայաստանի արդի գրականութեան։ Ամէն ինչ դասաւորուած է հոն, ըստ ուղղափառ հանգանակներու։ Արդի՞ւնքը։ Մեծ, անշուշտ ընկերային, պատմափիլիսոփայական (օ՜, ահաւոր բառը) ու տակաւին ինչական գետինէն։ Բայց արուեստի՞ գետինէն։

Գաղթային գրականութեան մը յղացքը բարբարոսութիւն է ինքնին։ Գրականութիւնը չէ, որ կայ, կ՚ապրի, իբր առանձին գոյացութիւն։ Գրագէտներ միայն կան։

29

Տուէք անոր բողկուկներուն համար բաւարար ենթահող։ Անիկա պիտի տայ ձեզի իր կորզածը այդ հողին մռայլ ընդերքէն։ Ամէն ձախորդ պարագային՝ իր ընդերքէն։ Բայց տուէք գրագէտ, այսինքն՝ թշուառ, յիմար, իր երազովը կուրցած ու ինքզինքը ամբողջութեամբ ի հաշիւ իր երազին ուրացած մարդը։ Ոչ թէ ան որ լրագրի սիւնակներուն մէջ գրիչին ճապուկութիւնը սորվելէ յետոյ, պիտի վազէ անոր ակօսէն հո՛ն՝ ուր զառիթափը հեշտ է ու շահոտ։ Ու ըլլայ անիկա Արարատի շուքին կամ Հըտսընի զով ափերուն վրայ, միշտ պիտի ըսէ բաներ, որոնք արժանի չեն լսելու, մեզի կու գան Մայր Հայաստանէն ու Մեծ Փարիզէն, երբ այդ ձայները կը փրթին ճաթած նուագարաններէ։

Այսպէս ուրեմն, անոնք կը պատմեն, կը շահագործեն պարզ, բայց իրենց կողմէ չգիտակցուած օրէնք մը, որուն համեմատ իր լեզուն ուղիղ գրող ամէն երիտասարդ ( որ անցած է միջակ ու նոյնիսկ նախնական, բայց խնամուած կրթութեան մը բարիքէն) ի վիճակի է, առանց ուրիշ ոեւէ աշկերտութեան կամ ներքնահոս ու թանկ նկատուած տարրի, այսինքն՝ տաղանդի (ամէնէն քիչ՝ գրական օրէնսգիտութեան) նպաստին, տարազելու կեանքէն իր կոյս, անդրանիկ փորձառութիւնը։ Մենք միշտ շահեկան պիտի գտնենք այդ մէկը, մենք՝ որ մերը ըրած ենք այդ շրջաններուն ու չե՜նք հաւատար ու կը խաբենք մեզ, ուրիշներու մէջ ինքզինքնիս փնտռելով։ Վասնզի այդ մէկուն բերանը արուեստը չէ, այլ՝ բոլորովին նոր բան մը, իր իսկ հոգիին դէմքը, բայց հրաշքով մը գրեթէ իր նեարդներուն կազմով նմա՜ն մերինին, եւ որ պարզ այդ հանգամանքով կը բաւէ մեզ հրապուրելու։ Պիտի չտեսնենք անկատարութիւնները, որոնք զգալի են իմացականութեան ակնոցին ու պիտի սիրենք այդ իսկ ստուերներուն համար։ Կամ առնելով հակառակ պարագան, այսինքն՝ երբ առաջին բխումը կ՚ըլլայ ամբողջութեամբ յաջողակ, մէկ հարուածով ճշդելով հոգիի մը փաստը եւ գրագէտի մը դիմագծութիւնը, հարկ է զգոյշ ըլլալ։ Աւելի անվնաս է դարձեալ զայն ընդունիլ արուեստէն դուրս ձեռնարկ մը, վասնզի, կարեւորը շարունակութիւնն է։ Այսինքն՝ օտար հոգիներու հէնքին վրայ։

Այսինքն՝ բազմապատկել կեանքին փորձառութիւնը դէպի խորերը, ու հոծ, անհաւասար, վէպէն ալ վեր ու խճող ու ծաւալուն իրականութիւններ պարագրկել, սեղմել, որայել, պարզել ու ցայտեցուցած յանձնել հատորներու։ Արուեստին աւելի հարազատ բառով մը՝ տարազին բաժինը այս յաղթահարումին մէջ անկարեւոր ըսուելու չափ տարտամ երիզ մըն է, նեարդները իրարու հիւսող ու ծակտիքը դարմանող։ Բայց բառը նոյնն է պատկերելու համար միւս, լիակատար համադրութիւնը, ուր կը մտնեն ջիղերն ու ջանքը, խելքն ու յանդուգն կորովը ու կը շինեն կենդանին, որ կը կոչուի արուեստագէտ։ Ինչ որ կը զատէ այսպէս ջրդեղուած արարածը միւս ինքնաբուխ ու մինակ ջիղ կամ խելք մարդերէ, մարզանքին մէջ ստանձնուած յամառութիւն մըն է (կարծեմ մէկը հանճարը կ՚որակէ իբր երկար համբերութիւն մը), պարզ, բայց չհասկցուած կամքը։

Ներշնչում ու տաղանդ տիսիփլինէ անցած կամքը կը հոմանշեն։

Ու գրագէտը գործաւորն է կամքին։

30

 

Ու քիչ մը աւելի յառաջանալով կ՚աւելցնենք, որ շատ մը տարազներու քովէն ընդունելի է նաեւ այն միւսը, որուն համեմատ արուեստի գործը արդիւնքը կ՚ըլլայ վերինին գլխովին հակադիր օրէնքի մը։ Այս վարկածն ալ իր ուժը կ՚առնէ երկար օրինակներէ, որոնք մէկ շունչով ծնած գլուխ-գործոցները կը համրեն եւ կամ ժողովրդային յօրինումներէ, որոնք առանց ճիգի կը գտնեն իրենց առաջնածին ու անաղարտ կատարելիութիւնը։ Սանդուխին ո՛ր աստիճանէն ալ նայինք, արուեստի գործը փաստ մըն է, մանրանկար մը, վերցուած լինելիութեան ստեղծագործ ակունքէն ու սեւեռում մը։ Անոր մէջ յաջողելու համար, գործաւորը, մեկնելով հանդերձ (ու ասիկա ստիպողաբար) անձնական, մասնաւոր, փոքր, միաբջիջ ապրումէն, պիտի բարձրանայ նոյնքան ստիպողաբար անանձն, ընդհանուր, մեծ, բիւրաբջիջ լինելութեան, որ մշտական հոսում մըն է, տարերային ու անսկիզբ միգամածը, շարունակ աւրուող ու շարունակ վերափթթող անպարագիծ հրթիռը, երեւոյթներու ծովին վերեւ, անհասկնալի, տրտում, խեղճ, սրտաբեկիչ, բայց երբեմն գեղեցի՜կ ալ։

Արուեստի գործը այդ հոսումէն բիւրեղացած առանձնացում մըն է, սիւնեղէն ելք մը, կայունացում մը, բայց պահելով իր արմատներուն բիւրաւոր աչքերն ու բերանները սիրտին մէջը այդ միգամածին, ըլլալով անկէ վեր, սաւառնագեղ ու փաղփուն, բայց ձգտելով ինքզինքը ձեւել, սառեցնել, լինելութեան անհամար բխումներուն մէկովը տարազուած։

Ձեւերու եւ մշուշի աշխարհ, որուն անհուն կերպասէն մենք արտօնուած ենք միայն մեր շուքերը մկրատելու։ Հանգանակ մը չէ ասիկա։

Խորացուցէք ու պիտի գտնէք զայն՝ տանելի բոլոր միւսներուն նման։

Շատ քիչեր կը կասկածին, թէ արուեստի գործին նկարագիրը կազմող այս transpositionը դուրսէն այնքան պարզ ու դիւրին, վտանգաւոր ու անխուսափելի խարակ մըն է, ուր պիտի գան փշրուելու բոլոր սնոտի տորմիղները բոլոր ժամանակներու անվաւեր արգոնաւորդներուն։

Նոյնիսկ անո՛նցը՝ որոնք տարիներով արշաւ են կատարեր, գետաբերաններու թոյլ ու հաստ ծփանքները յաղթահարեր ու ափնադիր պանդոյրներու ծափն ու պսակը քաղեր են։ Անոնք պէտք է որոճան այդ փառքին բեկորները ու դողդողան չորցած տերեւներուն բախտովը։ Անվտանգ կ՚ազատին խարակէն անո՛նք, որ ասպարէզին համար անհրաժեշտ տուրքը կը վստահին կամքին ու  աշխատանքին  (դուք  գլխադրեցէք երկաթագրեցէք, դարձեալ պիտի աւելնան բառերը իրենց տարողութեան մէջ), բայց հերակլեան աշխատանքին պաշտպանութեանը։

Այլապէս, արուեստը հասարակաց հանդիսարան մը պիտի դառնար, իմացական երանգէ մարզանք մը, ուր մարդիկ իրենց մորթը, մարմնամոյնքը, դնդերները, երակները, բռունցքները, մատներու  ճարտարութիւնը ու ականջի նրբազգածութիւնները ցուցադրելու փառասիրութեան պիտի աւելցնէին միւսն ալ։

Ասոր համար է, որ լռելեայն, պիտի վերադառնան ապահով ու սովորական խորշը, ուրկէ գեղեցիկ առտու մը դուրս քաշած էին իրենց նաւակը, ոսկեգեղմը նուաճելու  հերոսական  տրամադրութեամբ։  Այլաբանական այս պատկերը բացատրելի կ՚ընէ նահանջներ, որոնք չեն պակսիր մարդոց ամէն տարիքին։

31

Թերեւս չափազանցութիւն է կիրարկել զայն դարձեալ վերջին տասնամեակին, ուր մեր գրականութիւնը բազմաթիւ նոր անուններ փայլեցուց ի հաշիւ գործերու, որ չկան։

Չկան այսօր գործերէն դուրս, այդ անուններն ալ, եթէ սնոպութիւն ու անտեղի ռեքլամ ընդունինք անոնցմէ հոս ու հոն ցոյցի դրուած պատառիկները, եւ որոնք, քաշուած ու խաղաղօրէն տեղաւորուած իրենց աշխարհիկ զբաղումներու ծոցը, երջանիկ ու տրտմած յիշատակի մը պէս ատենը հեղ մը կ՚ոգեկոչեն այդ արկածախնդրութիւնը, որ իրենց չարժեց գուցէ այնքան հոգ, որքան զգայնական փոքր կապը, էնթրիկը հիւսուած օր մը հանդիպուած ու յետոյ մոռցուած աղջկան մը հետ [16] ։ Երբեմն աղջկան տեղ այդ գրգիռը կու գայ ընթերցումէն։

Ուրիշ ատեն՝ ռոմանթիզմէ։

Պատճառներ որոնք  պատմուածքին  այս  աճումը կը բացատրեն։

32

Ասիկա մռայլ ու ժանգահար վարժութիւնն է, որ անոր երեւակայութեան բոլոր աւշերակները կը պարուրէ ու դեղնախտի մը պէս կը գունաւորէ ամբողջ ստեղծումը։ Հարիւր տարի յետոյ հրաշք պիտի ըլլար զանազանել Շիրվանզադէի գործէն ծերութեան, չափահասութեան պտուղները։ Կան այսպիսիներ, որոնցմէ մէկ գիրք պիտի բաւէր։ Փ. Պուրժէի քառասուն հատոր վէպերը ոչինչ աւելցուցին հեղինակին փառքին, երբ անիկա երկու վէպի մէջ արդէն տուած էր իր դէմքը։ Մնաց որ, ինչ որ մերինները կը փրցնեն իրենց սեփական անցեալէն, արդէն ճղճիմ ու անկշիռ՝ (մենք ի՜նչ կ՚ապրինք, որ մեր գրողները կշտանան անով) դժբախտ պահեստ մը միայն պիտի կրնար հայթայթել իրենց։ Ու պէտք է ընդունիլ միւս դժբախտութիւնը, որուն համեմատ չսպառող (չնորոգուող ըսել կ՚ուզուի) աշխարհի մը դէմ կը սպառի ինքը, գրագէտը, այսինքն՝ կ՚ընկճուի։ Պիտի կրկնէ ինքզինքը, ամրապինդ՝ յոյսին մէջ թաղօնը լոյսին հանելու։ Փոխուող  գրագէտը, հակառակ իր  սայթաքումներուն, անկումներուն, անհաճութեան զգացումին, որ կ՚արթնցընէ մեր մէջ զինքը մեր հին մտապատկերին կապելու յոգնութիւնը, ի վերջոյ իրեն հետ կ՚ունենայ մեր համակրանքն ու վստահութիւնը։ Շատ բան կը ներենք իրեն։ Իրաւացի՞ է ափսոսալ մեր տղաքը, զանոնք տեսնել ուզելով այս ժխտական ակնոցներով, երբ դեռ անոնց հոգին իր աղուամազն անգամ չէ թափած։ Յետոյ՝ արդա՞ր է աւուր հացին հարցովը բռնակալուած մեր երիտասարդները կեցնել դէմը տրտմութեան ու սիրոյ մեծ ասպետներուն, որոնք կեանքին ու գրականութեան seigneurները եղան օտարներուն մէջ։

33

 

Վտանգը տարբեր երեսով մը կը ներկայանայ բանաստեղծութեան մէջ։ Վասնզի հոս, չի բաւեր լեզու մը կամ լեզուներ սորվիլ, անցած ըլլալ քանի մը զգայական պատահարներէ, այնքան սովորական պատանիներու սկսող կեանքին մէջ, ճարելու համար այն շեշտ, ինքնեկ հզօր, նոր անհատականութիւնը, որ վաւերածին բանաստեղծը կը զատէ ամէն դարու մէջ զեռացող տաղաչափերու վտառէն [17] ։ Այս վերջինները երջանիկ են, իրենց փառքին, իրենց անայլայլ ու միջակ գոհացման մէջ։ Ու կը շինեն իրենց անձնաւորութեան գմբէթները, առանց ուրիշ optiqueի։

34

Իբրեւ արուեստի գործ միջակ իր մակարդակէն հազիւ ինքզինքը բրդուճ մը վեր բռնող վէպը Շիրվանզադէի, պիտի դիմանայ, ժամանակին հետ աւելի թանկ ըլլալու պայմանով, իբր անհուն սթոք մը շրջանի մը բարքերուն։ Իբրեւ արուեստի գործ բոլոր երկրորդական ու փցուն առաքինութիւններով, գիրքերուն օրէնքներով, հին ու նոր քերթողականներու ծաղիկներովը բեռնաւոր ոտանաւորը Հ. Արսէն Բագրատունիի, Հ. Ե. Հիւրմիւզի, Հ. Ղ. Ալիշանի (չսրբապղծելու համար այս անուններուն այլապէս ազնուական շնորհը, զանց կ՚ընեմ աշխարհաբար ոտանաւորը ժամանակակիցներուն) այսօր թանգարանի ապրանք է միայն։

Գեղարուեստական թերին, ինչպէս արժանիքը (երբ կը հայթայթուին ուրիշներու զարմացումին համար) խորապէս կը կրեն կնիքը այդ իսկ ժամանակի դատաստանին, որ կը նմանի քիչ մը ամէն դատաստանի։

Կու գայ ատենը, երբ կարճատես ճաշակի մը կողմէ անիրաւի արժեզրկուած Պերճ Պռօշեանցի գործը պիտի գրաւէ իր տեղը նոյն այդ գործին վրայ, ճիշդ քովիկը Շիրվանզադէին։ Ի՞նչ շահ բանաստեղծութենէն։

Անիկա շատ յաճախ կեղծ փասթիշ մըն է անկեղծ անհատէ մը, զոր մթագնած են բառերու ներկն ու ժանեակները, անճանաչելի դարձնելու չափ  դէմքը անոր հոգիին։

Ո՞վ պիտի յանդգնէր նուիրուած ու հալած աբբան ու անոր սիրտը կարդալ բառերու այն քառատրոփ արշաւին ու պոռոտ աղմուկին մէջ, որ Եւայի հարսանիք կը կոչուի Ալիշանի քերթողութեան մէջ։

Եւ սակայն մինչեւ այսօր դեռ մարդեր կան, որ այդ շողակնափայլ տողերուն մէջ կը յաւակնին բաբախո՜ղ սիրտ մը տեսնել։ Գլուխ-գործոց մը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սի՛րտ մը։

Պատմողական երակէ քերթութիւն մը մասամբ կը դիմաւորէ վտանգը, վասնզի հետաքրքրութիւններ ունի դէպի բարքերը։

Չենք կրնար մոռնալ Իլիականը եւ Մահապարաթան։

Բայց քնարերգակնե՞րը։

Ասոնց ոտանաւորը, մանաւանդ մեր մէջ, զուրկ է յաճախ բանասէրները կամ քերականները շահագրգռելու բախտէն իսկ։

Այսօր ի՜նչ հեռու կը թուի մեզի 1890ի քերթուած մը ստորագրուած, որ բանաստեղծ չէր ծնած։ Ի՞նչի պիտի ծառայեն Խ. Նար-Պէյի, Մ. Չերազի, Ռ. Պէրպէրեանի, Յ. Սէթեանի քերթուածները (այս անունները՝այլապէս յարգելի ու երբեմն ալ սրբազան իսկութենէն մասնիկով ալ լիացած) ու դեռ աւելի խեղճերուն, որոնց անունը գրիչի տակ պիտի չիյնայ ալ։ Կը հետեւի, թէ մտքի աշխատաւորներէն ամէնէն դիւրաբեկ համբաւը քերթողինը կ՚ըլլայ (օտարներուն մէջ աւելի ակնբախ է պատահարը։ Կը բաւէ անուններու վրայ կանգ առնել, ու ասիկա ամէնէն մեծերէն, Լամարթին, Վ. Հիւկօ, որոնց մեծածաւալ գործը կէս դարու հասակով մը կ՚երկարի, բայց տուժելով խորքէն։ Առաջին խորհրդածութիւններէն ասդին (Լամարթինի քերթողութեան անդրանիկ հատորը) աւելցածը այնքան քիչ է (միշտ քերթողական երակէն), որ կրնանք զանց ընել, այսինքն՝ առաջինով բաւարարուիլ։ Հիւկոյի ընդարձակ կայսրութիւնը պատկերի եւ բանի վերածուած է ամփոփ հատորի մը։

Ու այս ազատուածները արդէն արժէք էին անոնցմէ բրգացած հսկայական հատորներու ետին ու առաջը։

Անշուշտ մտադրութիւն չունիմ այդ գործերուն այլապէս ներկայացած շահեկանութիւնը ստուերի տակ ձգելու, կեցած եմ բանաստեղծական դաշտին վրայ)։

Ասոր համար է, որ այնքան շատ է քերթողներուն թիւը, երբ կ՚ապրին ու այնքան քիչ, երբ կը մեռնին։

Մեր ժամանակակից քերթողութիւնը քանի՞ անունի պիտի խնայէ։

35

Ու իրենց ճարած արժանիքը հովանաւոր է ճերմակ, սփոփահար պատրանքով մը, որ ձիւնին կը նմանի, կը թաղէ՝ առանց ճնշելու, կամ մետաքսին, որ շերամը կը դագաղէ։ Անոնք «բարի են եւ հեզ»։ Բայց մանաւանդ «աղքատ հոգիով»։ Անոնց զլացուած է միակ պատմումին, դուք հասկցէք՝ քերթումին ալ բախտը։ Ու թերեւս այս մասնայատկութեան մէջ է գաղտնիքը, որ կը զատէ բանաստեղծութիւնը արուեստի միւս սեռերէն։ Ո՛չ մէկը իր հոգալովը պիտի յաջողի քերթողի տարազ մը ճարել իր լեզուին [18] ։

36

Շատ քիչ են մէկ հարուածով իրենց ձեւը ընդմիշտ զգեցող բանաստեղծները, ըսել կ՚ուզեմ՝ քիչեր պիտի համբերեն իրենց ձեւը վճռապէս պարտադրելու աշխարհին ու պիտի խարխափեն դէպի ետ մանկութիւն ու պիտի աճապարեն դէպի առաջ ծերութիւն։ Առնուազն արհեստին անխուսափելի խակութիւնները, անփորձութիւնները պիտի ճեղքռտեն անոնց նախախայրիքը կամ յետամնաց ճութերը [19] ։ Շատ ու երկար արեւներ, արշալոյսներէ յետոյ կամ զօրաւոր արեւները վերջալոյսներուն պիտի միջամտեն՝ դարմանելու համար արուեստի գործին այս անկատարութիւնները, նուաղումները։ Ու չզարմանանք, որ մատաղ պատանութենէն մինչեւ թարշամ ծերութիւն մարդիկ երգեն ու երգեն, նոյն երջանիկ այլուրութեամբ, որուն փաստը տուած էին արդէն, անդրանիկ տողերէն կամ յարմարին, շփոթուելու չափ անոր հետ՝ իրենց պատրանքին ու, օր մը բռնուած, գողունի վար դրուած յուռութքէն, որ ճշմարիտ քերթութեան մասունքն էր իրենց մօտ փսորներ զատեն, զարդարեն, բաշխելու համար հաւատացեալներուն։

37

Յետո՛յ, տարի՞քը։ Կրնանք ուրանալ զայն, ինչպէս կարելի է մերժել արուեստագէտին անձէն դուրս բոլոր հնարովի միութիւնները (մեծ-մեծ բանաձեւերը իմաստասիրութեան կաչաղակներուն, բացատրութիւնը կը պատկանի Շոփէնհաուէրի), որոնց պաշտօն կը ճարենք հրաշքը բացատրելի ընելու։ Բայց դիտուած օրէնք է, որ տարիները կը կարծրացնեն սիրտը, որ մինակ մսի կտոր մը չէ [20] ։ Դեղահատները կը թեթեւցնեն, բայց չեն նորոգեր։ Մահը ետ չի դառնար։ Ո՛րքան աւելի ճիգ թափենք արհեստը տիրապետելու, ուշադիր մնալու կանոններուն ու ճաշակին ծոմապահութեան, ա՛յնքան աւելի գէշ պիտի գրենք մեր ոտանաւորը, եթէ մեր հասողութիւնը չ՚անցնիր բառերէն։ Ամէնէն քիչ սորվելիք արհեստը քերթուած գրելու արուեստն է։

38

Մտածո՞ւմ -այդ դառն հակումը դէպի խորքերը հոգիին, անոր ջուրերուն սեւութեանը մէջ ծաղկող պատկերէն սարսափով ընկրկումը, անհուն գիծերու ամփոփումին մէջ սրտին մանուկի պէս կապկպո՛ւմը, զօրաւոր կարօ՜տը հանգիստի, մահուան երգեցողութեանց մեղեդիին ընդմէջէն…։ Զգացո՞ւմ -աշխարհի անհուն ձեւերուն ետեւէն անոր երկարումը, թել-թել ու գալար-գալար, քանի մը պուտ սիրոյ ու արցունքի գինով, երբ մեր համբոյրին ու աչքերուն վրայ կը հսկէ աներեւոյթ ու  երկաթէն  աւելի  խիստ  մատը  ճակատագրին։ Բայց ե՞րբ մէկը, ու ե՞րբ՝ միւսը։ Բայց՝ արիւնի նոյն խտութի՞ւնը, նոյն յօրինուածքը սա զգաստ երակներուն մէջ, հիմա՝ բաղդատելով այն օրերուն, երբ նոյն այդ խողովակներէն քսանամենի տղուն կրակն ու բոցը կը թաւալէր։ Ի՛նչ որ տարակոյսէ զերծ է բնախօսական կալուածին մէջ, Ինչո՞ւ ընդունելի, չեմ ըսեր վճռապէս ճիշդ չըլլայ նաեւ հոգեկան հեղանիւթին վրայ։ Ուրկէ կը թորուի արուեստի գործը, մեզի անծանօթ տարրալուծութեան մը ալամպիգով։ Ե՞րբ երիտասարդ է քերթուածը։ Ե՞րբ` խոհուն ու աւարտած։ Ինչպէս դիտել տուի վերը, դժուար է փափաքելի պարզում ու յստակութիւն թափել այս դատումներէն ներս։ Մենք կը տպաւորուինք, ըսել կ՚ուզեմ` կը պարտուինք իմաստէն, որ, օրինակի մը համար, Վալէրիի մը ստեղծումներուն մէջ կտաւն ու ոլորտը կը յօրինէ պատկերին, զայն ազատելով ձեւին բանտումէն, զայն պահելով մշտական թրթռումի մը մէջ ու կը հոսի քերթուածին վրայ իր մագնիսական հեղանուտը, ա՛ն` որ կը հրակիզէ (Շնորհալին ըսած է հրազինել) քերթուածին բոլոր նիւթայօդ նեարդները, բայց գմբէթը կը բռնէ պարապին վրայ, նման բոցէ շէնքի մը, ուրկէ ջնջուած չըլլան գիրերուն հետքերը, եթէ մարդերուն սիրտը չի ճերմկիր, քանզի չենք տեսներ, բայց կը ճերմկի շրթունքը։

Ու եթէ կենսական յուզումներուն կեդրոնը մինչեւ որոշ շրջան մը կուրծքն է, այսպէս ըսելու համար, կու գայ միւսն ալ, երբ ուղեղը կը դառնայ գերակշիռ։

Անշուշտ, այդ մարզերուն վրայ կանգ առած ու մինչեւ այդ` շատ բան տեսած, ասոնց վրայ անդաճելը այս ստուերին վերապահած մարդերը պիտի սիրեն այն կտորները, որոնք հաստատ ու կերպադրուած ձեւը ու անոր բոցեղէն արձագանգը, իմաստն ու ասոր լայն, տիեզերածնական կորագիծերը, արարչութիւնն ու սնունդներէն յայտնաբերում մը միանուագ կը փոխադրեն ուղեղներու վայելումին։ Բայց պիտի կրնա՞ն, նոյն այդ մարդերը, նոյն ընկալչութեամբ սիրել այն միւսն ալ, որ Արթիւր Ռէմպօ կը կոչուի, ամբողջութեամբ զգայնութիւն, մութ, պղտոր, զեռուն, քաոսային հեղե՛ղ մը ձայնի, գիծի, լոյսի, արիւնի ու ցեխի, (պարզ բառով մը կեանքի խմորին, բոլոր արարչութեանց մէջ հանգունատիպ ու հեքիաթով խորհրդանիշ), որուն վրայ իր սիրտը (իր հոյակապ «Գինով նաւը») ճամբու է հանած, զգալով ու տեսնելով բաներ, որոնք, յիմար ու ցնորական՝ իմաստի ակնոցներուն տակ, բայց այնքան իրաւ, խոր, մարդկային, արդիական են իրենց ծփանքին, սուզումին, փրփրագեղ ամբարձումին մէջ, իրեն պիտի երակէ մը պուտ մը արիւն վազցընենք մեր աչքերուն դաշտին։

39

Ուրիշ երեւոյթ է բանաստեղծութեան տագնապը։ Տակաւին կարելի է փնտռել ինչո՜ւն։

Թող ուզողը դիմէ տարազներու մխիթարութեան ու հայրենիք պահանջէ մեր արուեստագէտին։ Դիւրին է վերանալ պատճառներու սանդուխներէն ու  համոզկեր տեսութիւններու անձրեւով մը ողեղել՝ գիտնալու մեր ծարաւը։ Բա՞յց, - Մեր իբրեւ ազգ գոյութեան ամէնէն խռովայոյզ ու եղերապէս մեծ շրջանէն (1918-1925), արեւելահայ բանաստեղծութիւնը, զրահուած մաթերիալիստ տարազներուն բովանդակ մարտկոցներովը, ունենալով ամէն ինչ, նոյնիսկ ինչ որ բախտը կը զլանայ խիստ յաճախ, ըսել կ՚ուզեմ՝ հզօր, արիւնոտ, ամէնէն աւելի մեր ջիղերը կտոր-կտոր բզկտող զգայութիւններու ամբողջ կայսրութիւն մը, հազիւ-հազ ճախճախուտ գործ մը մէջտեղ դրաւ, որ կը կոչուի Չարենցի ստեղծագործութի՜ւն։ Եւ սակայն այդ տղան իր ոտքերուն մինակ մեր հողը չունէր։ Ունէր Տանթէին ալ չունեցածը։ Ի՜նչ հարկ անուններու աղմուկին։ Ու միւսները, որոնք Արարատին ու Նայիրի երկրին հոտը կ՚առնեն ամէն հծծիւնէ, բարեբախտ չեղան դարձեալ։ Այսօր կորսուած է հոն, ինչ որ սկսած էր Աբովեանով։ Արեւմտահայ բանաստեղծութի՞ւնը։ Հիներէն հազիւ մրմունջ մը՝ որ, մեկնումի յուսահատութեամբը վիրաւոր, կը պահուի։ Աւելի՞ն։ Պատանիներու եւ մշտապէս պատանի ծերերու փոքր փառքերը կը հայթայթէ։ Հայրենիք հանդէսը իր բիւրաւոր էջերէն երկու տուն քերթուած չկրցաւ հրամցնել ո՜ւթ տարուան մէջ, իր ընթերցողներուն։ Սովը զօրաւոր ու անողոք, անհատներու սով է, որոնք սոխի պէս դիւրաւ չեն բուսնիր, որքան ալ խոր հերկած ըլլանք տեսութեանց արտերը կամ ածուները մեր զգայարանքներուն պարարա՛ծ գիրքերուն ու տարազներուն աղբովը։

Համատարած մեր վերջին աղէտը չ՚անդրադառնար կարծես հարիւրաւոր մեր գրողներուն հոգիին մէջ, հակառակ անոր, որ մենք աւելի քան երբեք կարօտը ունինք սփոփիչ ձայնին։ Փոխարէնը, մամուլով մեզի մատուցուածը հասարակ տեղիք է գրեթէ, զուրկ ինքնութենէ, կնիքէ, մեզ մեր անցեալին նետող յուզական որեւէ տարրէ։ Մասնաւորուած, փոքր՝ մեր գրողները չեն կարդացուիր զանգուածէն, որ հեռու է իրենցմէ։ Այս է պատճառը, որ անցեալ սերունդին դէմքերը, հակառակ իրենց խղճալի անկատարութեանց, դեռ կը պահեն իրենց հմայքը, վասնզի գէշ-աղէկ, զանգուածին ծանօթ մարզերու վրայ կը գործեն։ Նորերուն պակսածը ամէնէն աւելի նորերը կը զգան։ Բա՜յց… ու հոս պէտք է կենալ։

Աւելորդ է ծանրանալ հնարովի կամ իրական մեղքերուն։

Բայց աւելորդ չէ ըսել բաներ, որոնք ուշքի, հպարտութեան թերեւս կանչեն քանի մը զգաստներ։

40

Ես չեմ ցաւիր այս ճիգին ու անոր գուցէ անպէտ վատնումին համար, իմ կողմէս, թէեւ համոզուած եմ բոլոր ժամանակներու առաքեալները [21] հաւատաւոր ու պինդ մարդեր եղած են միշտ։

41

Ճիշդ երեսուն տարի է, որ անոնցմէ մէկը քայլ մը չէ փոխած առաջին ոտանաւորէն։ Ուրիշներ, իրենց գոյութիւնը կապած են այլապէս մեծամիտ ու սնապարծ փառասիրութեան մը գոհացումին այս ու այն ձեւերով, երբեմն շատ հասարակ, անոնք թարգմանած են իրենք զիրենք օտար լեզուներու եւ ատոր մեծաթռիչ փառքովը խղդել կը սպառնան մայրենի գրականութիւնը։ Հպարտ են քննադատական սիւնակներով, զոր կը վարձեն նոյն աղբիւրներով ու ցաւագար անձկութեամբ մը կապուած կը մնան մեր փոքր հրապարակին, անոր ճղճիմ ու իրենց ջիղերուն «անվայե՜լ» յուզումներուն, ու տարապարտ, անխոստովան, բայց հզօրապէս զիրենք կրծող կասկածին մէջ օգնութիւն ու գովեստ կը մուրան ճարտար ու սրատեսներէն միայն թափանցուելիք միջոցներով։ Ու չեն տեսներ ծիծաղելին, որ կայ այս ծարաւին մէջ։ Ան՝ որ իր ոտքը դրած է այդ մարզերուն, շարունակել միայն ունի։ Այն ատեն է, որ մենք պիտի խանդավառուինք իր քայլերով։ Այս ստորին աճպարարութիւնը «բանին քարոզ»ներուն, որոնք քերթուած մը գրելէ, աւելի ճիշդը՝ յղանալէ առաջ, անկէ շահուելիք աղմուկին, ռեքլամին կը խորհին ու կը խաբեն իրենց խղճմտանքը ու աւելի լրբութեամբ շրջապատը ստեղծումին տեղ «համբաւ սնուցանելով»։ Այս դասակարգը կը խմբէ նոյնիսկ քանքարաւորներ, այնքան հզօր է գրական նանրամտութիւնը մեր ամէնուն քով։ Ուրիշներ, աւելի մատաղ, յաճախ պատանի, կը կրկնեն երէցներուն անգիտութիւնը։ Վերածելով ասիկա աւելի դժնդակ մեղքի մը՝ իրենց ազգատոհմին անունը թերթէ թերթ պտտցնելու կամ դրացիին աղջիկը քերթողի պսակով մը շլացնելու անխոստովանելի  փառասիրութեան։  Բայց  լաւ  ու  արժան է հրաժարիլ անոնցմէ, զբաղելու համար միւսներով, որոնք կը ճանչնան, ճանչցեր են արուեստը, օր մը դողացած իսկ անոր խորունկ մէկ ձայնէն, ականջ կախած այդ կախարդութեան, յետոյ հրապուրուած ուրիշ մարզերու։

Բայց պատրանքը վառ պահելու համար իրենց ականջին, ատենը հեղ մը պուտ մը բան կը սրսկեն, իրենց ստորագրութիւնը թառամելէ փրկելու համար, այսինքն՝ իրենց անունին շնորհը կը յաւերժացնեն մեր բանաստեղծութեան վրայ։ Հապա ուրացողնե՞րը։ Այսինքն՝ անոնք, որ օր մը երեւցան, ըսին քանի մը անկեղծ խօսքեր, յետոյ փոխեցին իրենց շեշտը ու դարձան դէմը իրենց արուեստին, մկրտուելով հրապարակագիր ու վարդապետ։ Երկար է այս թւումը։ Ամբողջ ներկայ քնարերգութիւնը կ՚իյնայ անոր հասողութեանը տակ։ Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ այս մորթափոխումները, հերձուածումը։ Որքա՞ն են բաժինները անհատին, շրջապատին, պատրանքին ու մեր կրաւորութեան պատահած այս այլասերումներուն մէջ։ Որքան որ ուզէք։ Անոնք հիմա վտանգը կ՚իրացնեն՝ վաւերատիպ արուեստը անհասկնալի ընելու, քանի որ իրենց խոտին վարժեցուցած են հրապարակը։ Ու անոնք պիտի ըլլան եթէ չեն, տխուր ախոյեանները անհարազատ արուեստին, անո՛ր՝ զոր կը սորվեցնենք մեր գիրքերով ու օրէնքներով, մեր աշխատանոցներուն կամ Արեւմուտքի համալսարաններուն մէջ ծեծելով անոնց սիրտն ու ջիղերը հմտութեան, բանականութեան, դպրոցական հանգանակներու, հին ու նոր գեղեցկութեանց տոռնովը։ Անոնք որ մեր մամուլին դարբնոցէն ստացած են մատ համրելու արհեստը ու անոնք, որ Արեւմուտքի ուսուցչապետներէն սորված են ամենահաս դեղահատներուն յուռութքը, իրար կը լրացնեն իրենց պայծառ տգիտութեան ու փառքին, իրենց գեղեցիկ, անծակ պատրանքին մէջ։

42

 

Անոնք դժուար պիտի տարակուսին մեր օրը իրենց կոչումէն ու դերէն, երբ օտարներու մօտ բաւական մը բան զեղչուած է այսօր անոնց ցաւաբերութիւններէն [22] ։

1930




[1]            Պոլիսը, հակառակ իր բոլոր անցեալին ու փառքերուն, այսօր դադրած է գործօն ու ղեկավար իր առաքելութենէն։ Եւ սակայն ոչ մէկ տեղ մեր ժողովուրդը կը ներկայացնէ արուեստի սնանումին համար այդքան պայմաններ իրարու աւելցուցած։ Զանգուած, մշակոյթի բոլոր կազմակերպութիւնները, լեզուն, դարաւոր աւանդութիւն ու գործեր։ Ո՞ւր այս պարտութեան սահմանուած էր քաղաքականէն դուրս ազդակներով, որոնք ճշդիւ կը կրկնեն այդ խառնածին, բայց անկնիք քաղաքին բազմադարեան նկարագիրը։ Ե՞րբ է դարը, որ այդ քաղաքէն ցայտեցնէ, չըսեմ քաղաքակրթութիւն մը, այլ դէմքեր։ « Բիւզանդական գրականութիւն » տարազին տակ ազգերու հարստութեան մէջ ոչ մէկ յաւելում մտած է։ Բայց անտեղի են այս ընդհանրացումները։ Հոն աշխատող տպագրական մեքենան վերագտած է այսօր իր հարազատ յաճախորդները ու կը պատրաստէ ընթացիկ ապրանքը, յայտնի ճաշակներու գոհացումին։ Նոյնիսկ անիկա փնտռել կու տայ բռնապետութեան ու գրաքննութեան օրերը։ Վենետիկի կիսադարեան հոգեվանքը բեւեռային անարշալոյս գիշերի մը կը նմանի։ Ո՛չ մէկ գործ «զմրուխտ» այս քաղաքէն, որ անցնէր սովորական հետաքրքրութենէն անդին ու ուղիղ կամ սխալ, բայց անկեղծ արուեստի շունչ մը յայտնաբերէ։ Ու աւելորդ իսկ է հարցնել հանելուկը այն ժամանակավրէպ ին, որ «Բազմավէպ» կը տիտղոսուի եւ զոր չըմբռնելու, չընդունելու յամառութեան մէջ երջանիկ կը մնան եկող ու գացող աբբահայրերը։ Աղանդաւորի, անկրօնի յարձակում մը չէ ասիկա։ Շունչի, խղճմտութեան, խորացումին բարիքը սպասողին խօսքեր են ասոնք, մարդերէ, տեղէ, պայմաններէ, որոնք օտարներուն մէջ շրջաններու վրայ կնիք կը դնեն։ Վիեննա՞ն։ Իր մենագար մասնաւորումին մէջ խորամոյն չի կասկածիր դուրսի արեւը, որ կեանքեր ու քաղաքակրթութիւններ կը ծնի, ու կը շարունակէ բառերու բովքին մէջ տաժանակիր աշխատանքը, առանց զգալու համադրումին, ստեղծումին, նորոգ կառուցումին ձգողութիւնը։

[2]                Հմտութեան, խորութեան, հեռանկարի պակաս մը մեր գրականութեան մէջ արգելք է, որ մենք կարենանք զատորոշել գիծերը մեր հաւաքական հոգեբանութեան, նոր բառով մը՝ արժէքին։ Մխիթարեան ու էջմիածնական տախտակները աւելի ճշգրիտ ու կշռաւորներով չեն փոխարինուած։ Նոր օրերու մեր քննադատութիւնը միամիտ է, ռոմանթիք ըլլալուն չափ, երբ մեծութիւն ու գեղեցկութիւն կը տեսնէ հո՛ն՝ ուր օտար մը ( կը հասկնամ ճանչցողը, ոչ թէ այդպէս տիտղոսուածը) ոչինչ պիտի հաստատէր։ Կէս դարէ աւելի է, որ կը ձգտինք խանդավառել օտարները անոնցմով ու տակաւին հին կամ նոր գործ մը միջակ գիծի ալ չենք կրցած զետեղել։ Անշուշտ, պէտք չէ մեղադրել անոնք, որ հակառակը կը հաստատեն։ Ուրիշ ատենի թողելով այս մտայնութեան վերլուծումը ու ճշդելու մեր նորագոյն այդ պատրանքին մէջ դերը մանաւանդ անկէ շահ սպասողներուն, կ՚աւելցնեմ, որ իբրեւ սպանդի ապրանք հասարակաց խաղաղութիւնը յոգնեցնելէ յետոյ, կը թուի, թէ պիտի զբաղեցնենք աշխարհը տիպարային կարգ մը մասնայատկութիւններով։ Վկայ՝ իրարանցումը, զոր կը յարուցանէ փցուն վէճ մը մեր մէջ, երբ ցեղային գիծերու շեշտ ցայտումին վրայ է հարցը։ Նոր ժամանակներու հրեա՞յ մը, ինչպէս կը տարուին տիպարելու անոնք, որ մենէ կամ մենէ օտարացածներէ, կը յաւակնին աշխարհը ճանչնալ։ Ասիկա կարծիքն էր աշխարհի ամէնէն ազատամիտ ընտրանիին, ռուս առաջաւոր տարրերուն։ Հրեա՜յ մը, որ հարիւր տարիով ետ ըլլայ իր շրջանէն ու շարունակէ դիմացնել պատկերը ա՛լջնջուած վաւերական ջհուտին, ասիական մարզերէ։ Ինծի կու գայ, թէ մեր խուզարկութեան կազմածները վերցնելու ենք ցարդ ուսումնասիրուած գետիններէ, ուր մեր միամտութիւնը այնքան մեծութիւններ ու փառքեր կարծեց գտնել, այսինքն՝ մեր իմացական գեղեցկութեան այսպէս յորջորջուած կրկէսէն, ու փոխադրել աւելի համեստ մարզեր, հ՛ոն՝ ուր չարքաշութիւնը, փոքր, բայց սուր խելքը, ազգային մեր լաւագոյն ատաղձը, այսինքն՝ յամառութիւնը, տեսակ մը նուիրում, որ լիակատար այլասիրութիւնը եթէ չի հոմանշեր, բայց կը պատկերէ մեր գերագոյն առաքինութիւնը, ուրիշին հասնելու մեր դիւրապատրաստ ընդառաջումը ու տակաւին այս գիծէ աւելի հաստատ տուեալներ, բայց բոլորն ալ բաւարար ժողովուրդի մը դէմքը վաւերագրելու։ Ու ատենը եկած է ալ։ Վասնզի շրջապատող քաղաքակրթութեանց բիւրաւոր նիզակներուն տակ՝ մենք ստիպուած ենք ալ տարազի գալու նման կակղամորթի մը, որ դուրսէն հարուածներով գալար-գալար կ՚ոլըրի ու վերջապէս կը դառնայ սկզբնական իր դէմքին՝ իր իմաստին։

[3]            Երբեմն ամբողջական քաղաքներ, կրկնելով հայրենիքին coupռ, ժուժկալ ու ներհայեաց ճարտարապետութիւնը, այլամերժ տափաստաններու գորշութեան վրայ ոստայնանկուած, այսօր տրտում յիշատակ։ Երբեմն հսկայական յիշատակարաններ, տաճարներ, որոնց չորս թեւերուն վրայ գահուած ուղե՛ղը, գա՛նկը մեր ժողովուրդին, կամա՛րը՝ որ կը զարտուղի իր լերկութենէն ու դաշնակութեան խորհուրդը կը մարմնաւորէ, հսկուած՝ Արարատին անհաս եռանկիւնովը, ա՛ն՝ որ կը վեղարանայ մեր հայրապետներու ճակատէն։ Հեռաւոր Արեւմուտքէն, ուր հնամենի քաղաքակրթութեան հետ սիրեց ճակատիլ, ու հիւսիսէն՜, ուր իր մարդերուն կենդանի տաճարները նոր ու հզօր ուրիշ քաղաքակրթութեան մը դէմ չաղօտեցան, մինչեւ խորագոյն հարաւը։ Նոյն դարուն Լըվով ու  Կալկաթա ու  Ամսթերտամ հաւասարապէս ամբարձիկ  ու  հզօր այդ  օտար աստղերուն ներքեւ, բայց խեղճ ու գերի՝ Արարատի ոտքին։ Մեր պատմութի՜ւնը։

              Արդար չէ յուսահատիլ անոր միջակութեամբը, ոչ ալ ուռեցուորիլ անոր նիհար փառքերովը։ Այլ տեսնել զայն այնպէս՝ ինչպէս որ է անիկա։ Ու այն ատեն պիտի մեղմանայ մեր ամօթը, զոր դիզած ենք մանաւանդ յիսուն տարիէ ասդին։ Ու ըլլալու համար աւելի յստակ՝ մօտենալ նոյնիսկ անկումի ամէն տխուր տեսիլին մեր տարագրումին։ Շիտակ չէ, զա՛յն, մեր գաղթականութիւնը, տեսնել մեր պատմիչներուն ակնոցովը։ Կ՚արժէ կենալ պատկերին դիմաց ու մտածել։ Ի՛նչ որ դիտուեցաւ քիչ վերը, գործն է մարդոց, որոնք, այսօր պատահածին նման, իրենց ուսերուն հազիւ մէյ-մէկ մախաղ կրցան անցընել, ուրականին ժանիքէն մազապուր ու ինկան մենէ աւելի խեղճ այդ հեռադիր, գլխովին օտար, ժանտ ափերուն։ Ո՛վ որ տեսած է մեր ժողովուրդը, աշխարհի անծանօթ շուկաներուն վրայ, իր խելքէն ու տոհմային դրամագլուխէն դուրս ոչինչով զինաւոր, պիտի զմայլի անվերապահ, անոր փոքր, բայց հաստատ մեծութեանը, անոր համեստ առաքինութիւններուն։ Բայց ո՞ւր է միտքը, որ զբաղէր այս հրաշքին խորհուրդովը, թափանցելով անոր ալքերուն, շամանդաղելու համար անոր նորոգիչ աւիշովը մեր սպառած, յուսակտուր երազը։ Իրար կ՚ուտենք մենք ու բիւզանդական վէճերու վրայ կը վատնենք մեզի այնքան պէտք մեր կորովը, արիւնը։ Բայց ստոյգ է այդ հրաշքը։ Եթէ այսօրուան մեր ըմբռնումները քարէն ու ոսկիէն կը նախընտրեն թուղթն ու ներկը, ատիկա արդիւնք է ժամանակին։ Մեր՝ ա՛լ ուրացուած տաճարները «նորոգելու» մեր անկարութիւնը մեզ կապած է լրագրին, որ գժտութեան, եղբայրադաւ պայքարի կրկէս է ամէն ժողովուրդի մէջ։ Դէպի արուեստը մեր արեւելումը կը հպատակի նոյն ժխտական պայմաններուն, որոնք դրամի եւ միւս մարզին վրայ անհաշուելի արագութեամբ կը սպառեն մեր արժէքները, հրապուրելով զանոնք իրենց բազմապիսի եւ ընդարձակ գեղեցկութեանց։ Զուտ ազգային կաղապարի վրայ ի՛նչ որ կը փորձուի, սրտառուչ է եւ մեծ, ծիծաղելի ըլլալու աստիճան։

[4]            Պատմուածք որակումին տակ զետեղելի են բոլոր այն կառուցումները, որոնք աշխարհի ամէն պարբերաթերթերուն, մանաւանդ օրաթերթերուն մէջ կը մնան ամէնէն փնտռուած ու բանուկ ապրանքը։ Գրական աղքատիկ, չըսելու համար արհամարհուած սեռ մը (մեծ գրողները զայն նկատած են տեսակ մը ժամանց, բերանփոխ իրենց հիմնական, ծանրածանր զբաղմանց մօտ), ա՛ն՝ որ հիներուն մէջ զգացական (affectif) բարոյախօսական (moral) ոսկերոտիքով մը հազիւ ոտքի (Վոլթէրի մշակածները եւ յունական քանի մը հնագոյն քերթողաշունչ զրոյցները, աւելորդ չէ նկատի ունենալ անոր արեւելեան վարիանթը, որ դէպի հեքիաթը եւ արդի թերթօնները կը հակի, Հազար ու մէկ գիշերները եւ հին դիւցազներգութիւնները արձակի կը վերածէ, մեր օրերուն, օրաթերթին բախտէն նպաստաւորուած, ընդլայնեց իր ծաւալին հետ յաւակնութեանց իր պարունակը, սահմանները ու, հեգնելու համար գրագիտութեան ազնուական վարդապետները ու անոնց ոսկետառ սահմանադրութիւնները, հանդիսացաւ նոր ժամանակներու ամէնէն դիւրին, ամենահաս մշակումը։ Ի՜նչ պիտի ըսէր երանելին Պուալօ այս անտառումին դիմաց։ Մեր մէջ անիկա գրեթէ փոխադրութիւն մըն է արեւելահայերէն (նկատի ունիմ նորագոյններուն մօտ մշակուած ձեւը), որոնք ընդունած են զայն շատ կանուխ, իրենց կարգին, ռուսական թղթատարէն։ Ուշագրաւ է, որ հրապարակէն վերցուած ըլլայ միւս ձեւը, ֆրանսական կաղապարէ նորավէպը, որ ամբողջ շրջանի մը (մեր իրապաշտները) բացարձակ նախասիրութիւնը վայելեց ու ըրաւ անկէ թանկարժէք սեւեռումներ եւ որ այնքան անտաղանդ, որքան անխնայ մատներով լղրճումի ենթարկուեցաւ մօտաւոր անցեալի մեր բոլոր գրողներէն, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կտրուած էր բախտը իր կրտսերին, հեքիաթին։ Սրտառուչ է դեռ հաւատարմութիւնը դէպի տիտղոսը, երբ կը հանդիպինք անոր քանի մը հինցած կիներու տարազէն, ինչպէս երազէն, քանի որ ասոնց լարերը կը բխին թարմութեան օրերէն։ Այդ զեղծանումը վտանգեց մեր նորավէպին փոքր, հաստատ ու յստակ գեղեցկութիւնը։ Հիմակուան պատմուածքը կը յայտնուի մանաւանդ նախատիպին հակադիր կողմերով։

[5]            Ուրիշներու մօտ իմացական ընտրանին պատրաստող զանգուած մը զայն սնուցանելու պայմանները մշտապէս ունի տրամադրելի։ Մեր դժբախտութիւնը հո՛ն է, որ ընտրանին մինակ է, իր աղքատութեան հետ։ Ոչ մէկ մակարդակ, որ տարազի իյնայ։ Ու մեր ընթերցող ու արտագրող հասարակութեան հիմնամասը կազմուած է կրթութեան ու մշակոյթի կիսաւարտէն, դասալիքներէ, զառածածներէ։ Օտեանի «Փանջունի»ն իրական չէ միայն յեղափոխական որակուած տափաստաններուն վրայ։ Իրական է անիկա մանաւանդ մեր գրողներու պանդոկէն ներս։ Չեմ գիտեր, ժամանա՞կն է, որ կը խոշորցնէ, թէ իսկապէս մեծ ու համատարր են այն դէմքերը, որոնք 1860ը բերին մեզի։ Անկէ ասդին ալ մենք ունեցանք բարձրագոյն մշակոյթի պսակաւորներ ու այդ մշակոյթը մեր մէջ պատշաճելու ճիգ։ Բայց չունեցանք գրեթէ այն հաստատ ու վճռական նպատակն ու կեցուածքը, որ սերունդ մը կը դիմաճշդէ (յեղափոխական սերունդը մշակոյթի կողմ չէ տուած ու չէր կրնար ալ)։ Կարելի է մեղադրել այս արդիւնքին համար լրագիրը, որ աճապարանք թեթեւութեան վարժեցուց մեր սորվողները։ Կարելի է մեղադրել պայմանները, որոնք քաղաքական դէպքերու բերումով մեր երիտասարդութեան ընդունակութիւնը մղեցին ուրիշ ուրդերու։ Իրողութիւն է, որ մեր իմացական մակարդակին այս վերին խաւը նուաճուած է այդ թերուս, անխարիսխ տարրերով։ Գրողին համար զարգացման հարց մը կշիռ չունի, քանի որ անոնք լրագրի մարզարանին մէջ աշակերտութեան երկար կամ կարճ շրջան մը բաւ կը սեպեն, ու կ՚աճապարեն իրենց երկնակտուր առաքելութեան։ Կարդացէք մեր հարիւրի մօտեցող թերթերն ու հանդէսները ու պիտի համոզուիք խելքի այդ պատկառելի՜ մթերքին, որ կը վատնուի մեզ առաջնորդելու։ Ասիկա այսպէս էր երէկ։ Այսպէս է այսօր։ Այս խակ ու ամենագէտ պարոններուն ու տիկիններուն քաջեռանդն գործունէութեան համար, որքան փոքր է հայ ժողովուրդ որակուած տարածութիւնը։ Բայց մեր մեղքէն, անոնք կը թափին մեր վրայ։ Ասոնցմէ դո՞ւրս։ Լսել կ՚ուզէ՞ք բարի խանութպանը, որ սուրճին ու սիկարին իբր լրացուցիչ օրաթերթ մը կը գնէ։ Թաղակա՞նը, որ ամէնէն անշահախնդիր պարագային կնիկին ծանրամտութեանը գոհացում կու տայ ազգային սնտուկին վրայ աչք մը պահելու բաւական բարձր զոհողութեամբ մը։

[6]            Մայքըլ Արլէն, որուն շուրջը ստեղծուած աւելորդ վէճը անգամ մըն ալ կու գայ ապացուցանել մեր սոփեստութիւնը, ցուցամոլութիւնը, ամբոխավարական շնորհներն ու, մանաւանդ՝ խելքի պակասը, տեսակարար կշիռի գետինէն դիտուած, չի ներկայացներ աւելի հուժկու տաղանդ մը, քան, օրինակի համար, մեր Երուխանը։ Տարագիր ու անօթի, երբ օտար երկրի մը այլամերժ սառնութեանը մէջ, ձեռք կը նետէ գրիչին, յօրինելու համար «Ամիրային աղջիկը» գլուխ-գործոցը (Արեւմտահայ վէպին գերագոյն ճիգն ու յաջողութիւնը), հեղինակը ունի իր ցեղին բոլոր մեծ ու փոքր յատկութիւնները, ճիշդ ինչպէս, տարագիր ու անօթի, օտար մշակոյթի մը մէջ սուզուած, բայց իր ցեղէն բաժնուած հեղինակը ձեռք կը նետէ գրիչին ու ոտք-ոտք, պրկագին ու հեւալէն, կը բարձրանայ փառքի զառիվերը՝ գրելու համար վերջապէս «Կանանչ գլխարկը»։ Առաջինին անունը մեր գրականութեան մէջ թաղուած է արդէն մոռացումի փոշիին տակ։ Ողջուցն ալ չտուինք գոնէ այն պռատ համակրանքը, որով կը ջանանք բարելաւել մեր մշակուած ժողովուրդի համբաւը։ Նոր սերունդը, ա՛ն՝ որ գրել կը յաւակնի, վստահ եմ, որ չէ իսկ կարդացած այդ գեղեցիկ գործը։ Միւսին անունը անցած է արդէն միջազգային գրականութեան փայլուն ցուցափեղկերուն։ Տարբերութի՞ւնը այս արդիւնքներուն։ Ահա թէ ի՛նչ ըսել է նպաստել գրողին։ Մեր ցեղը կը սպաննէ ամէնէն ազնուական տաղանդը, երբեմն գիտութեամբ, երբեմն անգիտութեամբ։ Ու պատմուճանելու համար այս սպանութիւնը անիկա կը հնարէ, ասիացիի հնարամտութեամբ մը, յոբելեանները, որոնք հաշմութիւն, կուրութիւն, դիակնացում կը շուրջառեն ու գրագէտը կը գտնեն, երբ անիկա աւերակոյտ մըն է արդէն։ Այս մասին աւելի ուշ։

[7]            Երկու տասնամեակ մեզ կը բաժնեն Մեծարենցի մահէն։ Ու հանճարեղ պատանիին կորուստը ո՛չ թէ հակակշռելու, գոնէ՛ ամոքելու ընդունակ ո՛չ մէկ լրիւ դէմք յայտնուած է տակաւին մեր քերթողական կրկէսին վրայ։ Իրաւ է, թէ քառորդ դարու մը տարածութեան վրայ ուրուացան անուններէ, շնորհալի ըսելու չափ բախտաւոր, եկան մեզի քանի մը արժէքով քերթուածներ։ Բայց ասոնց հեղինակները տակաւին պարտական կը մնան իրենց խոստումներուն ու չեն արժեր աւելի, քան քերթուածները։ Այսպէս գրելու կը ստիպեն զիս անուններ, որոնց առաջին փորձերը խանդավառող յոյսեր ստեղծեցին։ Կան` որ անհասկնալի ժլատութեամբ մը քանի մը տարին անգամ մը կ՚երեւան հորիզոնին ու, գիսաւորի պէս քայլ մը նետելէ յետոյ՝ կը սուզուին մթութեան ծոցը։ Բանաստե՞ղծ։ Անշուշտ։ Բայց ստիպուած են նկատի ունենալ դանդաղութիւնը, քիչութիւնը, որ կը բռնանան այդ խոստումներուն հաշուոյն, մեզմէ աւելի թերեւս զիրենք անհամբեր ընելու աստիճան։ Անոնք, այդ կծծի ու վերամբարձ քերթողները, շօշափելի արդիւնքի վերածուելու համար կը վատնեն, կամ պիտի վատնեն այնքան ժամանակ, որքան չդրին մեր տաղանդները յայտնուելու, տալու, մեռնելու համար։ Անդի՞ն։ Այսինքն՝ անժառանգներու բազմապիսակ կարաւա՜նը, որոնց ճիտէն կ՚երգեն երջանիկ բոժոժները։ Չեմ յիշեր շրջան մը, որ քաշքշէ այսքան մարդեր բանաստեղծական մրցարանին վրայ։ Բայց իրար արժող, իրենց անզգածութեան, կեղծիքին, յաւակնութեան բոլոր զրահանքովը։ Աշխարհի ամէն անկիւններէն, պատահական դպրոցէ մը պատահական դասարաններ տեսնող տղաք, տարիքով ալ գլուխով ալ կը յամառին ապերախտ, բայց չյոգնող դարպասը ընել մուսաներուն ատեն մը այնքան ծիծաղելի, հիմա վերահաստատուած իր գահոյքին։ Կոճկուած, ընթացիկ ու լուրջ։ Չի բաւեր Պարոնեանը մեծ որակել։ Հեգնելու տեղ մարդ կը ցաւի անխելքութեան այս ցուցադրումին։ Ճանչցայ քերթողներ, որոնք դպրոցէն յետոյ ուրիշ բան չէին կարդացած, եթէ ոչ… իրենց քերթուածները։ Ու դուք գիտէք անոնց դպրո՜ցը։

[8]            Օտարներու մօտ ալ դիտուած այս ընկրկումը թոյլատրելի՞ է ընհանրացնել։ Ստոյգ է, որ պատերազմը իր երգիչը չունեցաւ։ Աւելի ստոյգ է, որ քերթուածի հատորները աւելի քան անայց տխրութիւններու կ՚առաջնորդեն իրենց հեղինակները։ Ո՛չ մէկ հզօր բանաստեղծի ձա՛յն, որ նուաճէր ազգերը ու մեզ դողացնէր դաշնակցութեանց կամ պատկերի նոր դաշնաւորումով։ Վալէրիի հռչակը իմացապաշտ տարրին գերակշռութիւնը կ՚ապացուցանէ հրապարակին վրայ։ Գահազուրկ արքաներու նման իրենց թագերը կը քաշքշեն եւրոպական համբաւի ելած քանի մը բանաստեղծներ, որոնք երեսուն-քառասուն տարիներու արհեստէն կ՚օգտուին ու ան կը մատուցանեն բարեփոխելով ու գունաւորելով։ Յարձակի՞լ ժամանակին վրայ, որ այնքան անսովոր ու ահաւոր շնականութեամբ մը չէ խղճահարած խորտակել դարաւոր ու նուիրագործուած պատրանքներ եւ առաթուր է ըրած միտքին, մանաւանդ բարոյականին բոլոր տիտղոսները։ Մարդոց տառապանքի ընդունակ մասը գուցէ աւելի կը տառապի «հոգւոյն սրբոց դէմ» շպրտուած հայհոյութիւններ։ Բանաստեղծութեան տագնապը այսպէսով մինչեւ արդի հոգին հիմն ի վեր շրջող մեծ ժխտումներ։ Ի՛նչ որ փրկուած էր մեծ աղէտէն (1789), ու տատանած փոփոխակի բախտով մը տասնիններորդ դարու ջղաձգութեանց վերեւ, կը խորտակուի քսաներորդի սեմին։ Հոգիի ամերիկանացո՜ւմ, պիտի պատգամէր ձախ դատող մը, փրփրելով ու նիզակ պիտի ճօճէր Աստուծոյ, դրամագլուխին, քաղաքին ու դասակարգին դէմ։ Թերեւս մեր ժողովո՞ւրդը։ Հեռու ինձմէ կապարճը բոլոր ծանօթ թորփիլներուն, որոնցմով կը փորձեն ճակատ պարզել «այլոց» գրոհին դէմ։ Փափաքողը կրնայ դիմել հայ մամուլին, աջ, ձախ, ծայրաձախ, կեդրոն։ Ան, մեր ժողովուրդը, «դեռ իր ծունկերուն վրայ կու լայ երիտասարդ գլուխներ։ Դեռ իր դիակները անթաղ կը մնան, որպէսզի ան յարձակի այդքան ընդարձակ թշնամիի մը, որպիսին է արդի քաղաքակրթութիւն որակուած ճակատը։ Կ՚ընենք սակայն, ընելէ ու չարաչար ու գռեհկօրէն խաբուելէ ետքը։ Մեր բանաստեղծները անցան, այսօր ալ կրնան անցնիլ մեր թշուառութեան քովէն, աչքերնին գոց, ականջնին կուղպ։ Տխուրը ա՛ն է՝ մանաւանդ, որ մեր հայրենիքին մէջ, անոնք Փարիզն ու Նիւ Եորքը մրճահարեն իրենց կամքին երկաթներովը ու յաղթանակին երգերովը ու անատակ մնան հայ գիւղակի մը վիշտը հասկնալու ու մեզի հաղորդելու։

[9]            Եթէ զանգուածին (կը հասկնամ բառին տակ փաղանգը շրջանի մը այն գրողներուն, որոնք իրենց ժամանակին կու տան իրենց որակումը, ըսել կ՚ուզեմ՝ այդ ժամանակը ամէնէն հարազատ հագնողները կ՚ըլլան, կ՚աղմկեն, լեցնելու չափ ամբողջ տարածութիւնները արուեստին ու կ՚անցնին, այսինքն՝ կանհետանան երբեմն իրենց փոշիէն ալ առաջ) վրայ ստոյգ ու ճակատագրական է այս ճնշումը, նոյնքան ու աւելի իրական է անոր անկարութիւնը ազնուազգի արուեստագէտին վրայ, որ շրջանին մէջ կը ցցուի, մութ ու անհասկնալի ու իր քէնը կը կիտէ։ Մեր բարքերուն մաս կը կազմէ այդ առեղծուածային էակներու վրայ բնազդական յարձակում մը, մեր միջակութեան անհանգիստ շարժումներովը պաշտպանելու համար մեր պանդոյր ծակը մեր ճահիճին մէջ։ Եթէ պատահած է հակառակը, այսինքն՝ շրջանին դրուատիքը իրեն հետ ունեցող մեծութիւններուն հազուադէպ պարագան, դիտեցէք, որ այդ մեծութեան ամէնէն վիրաւոր, կեղեւ մասերն են, որ պատճառ եղած են այդ համակրութեան։ Այլապէս կ՚ուրանանք ու կ՚անցնինք։ Ասիկա այսպէս էր ժամանակին մէջ ու այսպէս ալ է հիմա։ Նայեցէք շուրջերնիդ։ Ամէն ատենէ աւելի հզօր է նիւթիւն, միջակութեան կշիռը միտքին վրայ։ Բացի քանի մը նպաստաւորուածներէն (աչքերս շատ հեռու կը նային մեր գրականութեան սահմաններէն), որոնք իրենց յաջողութիւնը կը պարտին, տաղանդին չափ ուրիշ, այս անգամ անկէ դուրս պայմաններու (գրեթէ բոլորովին նման մերիններուն մօտ դիտուածին), այսօր եւրոպական որեւէ մեծ գործի մը շարողը, կազմողը, վաճառողը առանձին-առանձին աւելի կը վարձատրուին, քան գործին յղացողը, տէրը։ Ասիկա տխուր իրողութիւնն է։ Բայց այս դասաւորումը պատճառ չէ, որ դարձեալ այդ Եւրոպային մէջ ինքզինքը յարգող արուեստագէտը իր վրէժը տարածէ գործին վրայ, լքէ խղճմտանքը։ Ան աւելի ամայի, մինակ կը փաթթուի իր երազի դրօշին եւ կը կենայ շեշտ ժամանակին ճախնացումին դէմ։ Վասնզի ուրիշ որակական քիչ պիտի գար տարազելու համար ինչ որ փղշտացիները մշակոյթ կը կոչեն ու կը պռպռան, առուակին գորտերուն նման, անոր ջուրերու ոտքին կծկտած, պարտկելով իրենց հաւկիթները։ Զանգուածը այսօր իր ճաշակը պարտադրած է մտքի կարգ մը հրապարակներուն։ Թատրոնը ծանրօրէն կը տառապէր արդէն, անոր գարշապարին տակ թաւալգլոր, սինեման հոգէառի մը պէս ցցուած է անոր դիտապաստ կործանումին վերեւ։ Մօտ է թուականը, երբ գրողէն դուրս խաղ մը քիչ հանդիսատես պիտի ճարէ, բոլորն ալ զառածած դէպի շարժապատկերը, սիրքերը, գօտեմարտութեան, կռփամարտութեան հանդէսները եւ արշաւները ձիերու։ Նկարը դարերու ընթացքին երբեք անկախ, այսօր աւելի քան ստրուկն է դրամին։ Գի՞րքը։ Խոտակերներու բախտին կապուած է անոր ալ ճակատագիրը։ Կերպով մը կը կրկնուին երեւոյթները, որոնք ընթացիկ են մեր գրականութեան։

[10]          Մենք այն տարօրինակ ժողովուրդն ենք, որ տարուան մէջ տասը-տասնըհինգ գիրք հազիւ կը տպենք, կէսը պաշտօնական հաստատութեանց կնքահայրութեամբը, միւս կէսն ալ մեծապատիւ մուրացկանութեամբ։ Յետո՞յ։ Կը կարդանք իւրաքանչիւրին շատ-շատ յիսուն օրինակ։ Բայց մեծ ու պզտիկ հարիւրի մօտ յիմարութեան այս մրցանիշը ո՛չ մէկ ժողովուրդ շահած ըլլալու է դեռ։ Աւելի անդին՝ քան յիմարութիւնը, ամէն լրագիր, ամէն հանդէս մեզի կը ծառայէ իբր կրկէս, ուր կը վազէ մեր ոգեկան աւիշը։ Կը տեսնեն ու կը պարարին այս ցնդումով աճպարարները, որոնք, լարի վրայ խաղալու տեղ տողի ու սիւնակի վրայ կը մարզեն իրենց եղբայրադաւ ընդունակութիւնները։ Կը տեսնեն ու կը փքուին պանդոյրները, սոփեստները, որոնց անասելի փառասիրութիւնները գոհացում կը ստանան։ Ու կը վատնուի պահեստը այս ցեղին ոգիին։ Կը պոռանք ու կը գրենք ու գործել կը կարծենք։ Երբ մեր թերթերուն թիւը 10-15 չէր անցներ, մենք ունեցանք գրականութիւն ու սերունդ։ Այսօ՞ր։ Մեր այս սպառումը փաստ կը ճարէ անոնց, որ դատապարտուած ժողովուրդներու գլխուն կը հաւաքուին։

[11]          Արտաքին այս ազդակներէն աւելի դառն ու նուաստացուցիչ է ինչ որ մենք կը դնենք պատկերին վրայ։ Ինքնիրեն բաւող այս կողկոճումին՝ մենք կ՚աւելցնենք աւելի աղտոտ ու վայրագ բան մը, զայն կը վերածենք ամենանուրբ, գրեթէ սատիկ (ծանօթ Մարքիզին անունով յորջորջուած չարչարանքին մէջ մուտք ունին արուեստի զգայարանք ու վայելք, անասունի թանձրութիւն ու գազանի կզակ) խաչելութեան մը այն կարգին վրայ, որ իր երազէն ամբողջովին կլանուած, ընդունակութիւն ու ատեն չունին գէշ-աղէկ շրջապատին նպաստը, աջակցութիւնը, տխուր բառով մը ողորմութիւնը ուղղելու դէպի իրեն մենաւոր սպառումը։ Անշուշտ, բաղդատութիւն չ՚անցնիր մտքէս, դնելու համար մեր «հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը» գրողին հանդէպ, այն միւս փափկանկատ վերաբերումին, որուն կ՚արժանանայ գրողը օտարներու մօտ։ Պետական միջոցներէ զուրկ ժողովուրդէ մը անիրաւ պիտի ըլլար սպասել յոբելեանի մուրացկանութենէն դուրս ուրիշ եղանակներ։ Բայց թեթեւ ուշադրութիւն իսկ երեւան պիտի հանէ ցաւալի միւս իրողութիւնը անճարակութեանը կապուած կղզիացումը գրողին, եթէ մօտեցնենք այս լքումին համեմատական débrouillementին աւելի խելացիներուն ու գործնականներուն։ Ու յստակ ըլլալու համար Սուրէն Պարթեւեանը անօթի մեռցուց այն քաղաքը, որ ուրիշ, բայց աւելի ճարտար գրողի մը պաշտօնական ընդունելութիւն, ազգային այցելութիւն, «գաղութային վայրերի» ուսումնասիրումին համար սիրալիր ընդառաջում փութացուց, սարքեց մեծ envergureով ներկայացումները ու գրեթէ իշխանական օդափոխութեան մը ամբողջ լիւքսը անոր ապահովելէ ետքը, իր «ակռաժաժիկ» միջակ հարստութիւն մըն ալ զետեղեց անոր «քամար»ին ու ճամբու դրաւ դէպի Ամերիկա։ Չարութիւն չկայ այս տողերուն մէջ։ Չքմեղանք՝ որքան որ ուզէք, պիտի ճարէք։ Երկու գրողներուն տաղանդը դուրս կը մնայ խնդրէն։ Բայց պատմական այս փաստը բաւական լոյս կը բերէ մեր ըմբռնումներուն վրայ։ Ու պատկերը տարբեր չէ բոլոր այն կեդրոններուն համար, ուր ազգային կազմակերպուած կեանքի մը ուրուաստուերը կը շարժի։ Վա՜յ պարտուողին, պիտի փսփսան անոնք, որ կռնակն հաստկեկ աթոռի մը, պիտի հովուեն իրենց յաջողութիւնները ու պիտի սխրանան իրենց ներսէն, օրհնելով յիմարութիւնը քաղքենիներուն։

[12]          Ամէն ատենէ աւելի ընդվզեցուցիչ է կեցուածքը գրեթէ պաշտօնական կամ կիսապաշտօն այն հաստատութիւններուն, որոնք առաջադրուած են Բանին (ներեցէք այս գլխագիրը) պաշտամունքը կենդանի պահելու թշուառ խմորին մէջ սքողեայ ու վայրավատին մեր հաւաքականութեան։ Աղէտը չէ մինակ պատճառը այս այլասերումին, որ սպառեց մեր ուղեղը ու մեր իմացական հէնքը ենթարկեց անկարելի ներքեւումին։ Չես գիտեր անփութութեան ո՛ր աստուածը լքեր ու անիծեր է այդ դիրքերը, որոնք գահակալուած են ճարտար, միշտ միջակ, պինդ ու վարչական տաղանդով ակաղձուն պաշտօնատարներէ։ Ոչ ոք կը մտահոգուի տաղանդի, զարգացման, խառնուածքի ու տեսակարար արժէքի հարցերով, որոնք մարդերը ընդունակ կ՚ընեն ոստիկանական նախարարի մը ներկայացուցած իմաստէն տարբեր աշխատանքներու։

[13]          Ուշագրաւ է մանաւանդ տարողութիւնը այդ տարազներուն, ինքնաբաւ, հաւատաւոր ու կտրուկ, ինչպէս պարտականութիւնն է ըլլալ բոլոր տարազներուն, ամէնէն աւելի անո՛նց մօտ, որոնք իրենց ստորագրութիւնը դեռ չեն ազատած խանձարուրքէն, չեն անձնաւորած իրենց պատանութիւնը ու իրենց դէմքը չեն պարտադրած արուեստի միջակ իսկ գործով մը։ Շատ է անոնց թիւը։

              Բոլորն ալ կը հասկնան ու վճիռ ունին։ Պատանութեան տեւող միամտութիւնը անոնց մօտ փոխարինուած է յաւակնութեամբ, բայց մանաւանդ օրագրին շնորհը մնացող սոփեստութեամբ։ Կան՝ որ առտուն կը կարդան, կէսօրին այդ ընթերցումը կը մարսեն, ետինքին իրենցը ըրած թուղթին կը յանձնեն, յաջորդ առտու թերթով մը պատգամելու համար զայն։ Ոչ մէկ պահանջ, որ ծնէր այդ վճիռները։ Բայց պէ՜տք է արդարացնել համալսարանը, գոլէժը, առնուազն կեդրոնականը։ Յետոյ համեստ եմ բաւական, չքննելու համար անոնց ոսկեզօծ, նախարարական վկայականները։ Չեմ ալ տառապիր անոնց զարգացման աստիճաններովը (հայ թերթերուն մէջ պատկառելի է թիւը սիւնակներուն, որոնք յատկացուած են դժբախտ դոկտորներու իմաստութեանը ցուցադրումին, ինչպէս շատ ու շատ է թիւը այն խորունկ ուսումնասիրութեանց, ուր հանդիպողը կը դատէ, կը ձեւէ, կը չափէ մեր արժէքները… խելապատիկին կանգունովը)։

[14]          Խնայելու համար աժան բանգիտութեան մը վիրաւորանքը ամէնէն առաջ ինծի (եւ սակայն մեր տաղանդաւոր քննադատները տող չեն արձակեր իրենց գրիչէն, առանց հսկայ անունի մը շուքին, որ պէտք է փռուի ու պաշտպանէ պարզուկ նախադասութիւնը) զայն կ՚ընեմ հռչակաւոր տեսութեան դէմ (ցեղ, միջավայր, ժամանակ) հակազդեցութիւնը, որուն անտեղեակ արուեստի աշխատաւոր չեմ ենթադրեր ու կը դառնամ անմիջապէս մեր գրականութեան։ Ո՞րն է ցեղը (ըսել կ՚ուզեմ՝ ի՞նչ կշիռ ունի բառը), որ նոյն ատեն, նոյն պէտքերուն համար, նոյն պայմաններուն մէջ, ծնունդ տուած է երանելի Ս. Ֆէլէկեանի մը տողերուն եւ… Պ. Դուրեանին։ Նոյն Եւրոպան մեզի արժած է հարիւրաւոր Փանջունիներ… ու Դանիէլ Վարուժան մը։ Երեսուն տարի կայ, որ հազարաւոր խարբերդցիներ Ամերիկա գաղթած, համալսարանական, լուրջ, համայնագէտ հարիւրաւոր փրոֆեսէօրներ տուած են։ Բայց տպարանի համեստ բանուորի մը վերապահուած էր բախտը առաջին գրական գործը ստորագրելու անոնց մէջ։ Ո՞ւր է տարազին նպաստը, մանաւանդ փաստը, այս արդիւնքներուն առջեւ։ Ու վերջացնելէ առաջ, փոքր լուսաբանութի՛ւն մը, բնազդը, տաղանդը, կոչո՜ւմը չէ, որ կը գնահատեմ։ Ինծի համար առաձիգ բառեր են ասոնք։ Մտքէս չէ անցած վայրկեան մը անգամ տարակուսիլ աշխատանքին, հմտութեան, խորացման ու ընդարձակման պարտքերուն վրայ։ Չեմ ուզեր որ, ինչպէս հիմա նորոյթ է, կամաւոր տգիտութեան պաշտպան քարոզ մը տեսնեն այս տողերուն տակ բոլոր թոյլերը, որոնք նոր սնոպութիւնը կը փորձեն՝ անգիտակից ստեղծումին զգայարանքին վստահելով գործի մը բախտը ու հաճոյքով պիտի զոհէին աշխատանքը՝ սպասուած, բայց չեկող տաղանդի մը ապառիկ փառքին։ Գրագէտը պարտական է գիտնալ ո՛չ թէ քննադատին պէս ինքզինքը ծախելու, այլ՝ ինքզինքը գտնելու համար։ Ի՛նչ որ տրուեցաւ ընել Թլկատինցիի մը, չի շնորհուիր, օրինակի համար, Համաստեղին, որ հարկին տակն է իր մարդերը ճանչնալու պարզ աչքէն դուրս գործիքներով։ Ի՞նչ տխուր պիտի ըլլար գիտունը, իր փնտռտուքներուն մէջ, եթէ ստիպուէր գործելու միայն աչքերովը։ Ո՞վ պիտի ուրանար մանրադէտին հրաշքը։ Ու գրագէտը գիտունն է, որ կ՚աշխատի բարքերու բովքին մէջ։ Ի՜նչ քիչ պիտի գար իրեն իր աչքը։ Ասոր համար է, որ ան պիտի գիտնայ։ Գիտնալ, եթէ ոչ բոլորէն աւելի անոնց, որոնք մարդկութեան նոր ազնուապետութիւնը կը ներկայացնեն, ամէն մարզի մէջ ու խելքին կշիռ մը դրուած է, այլ գիտնալ գոնէ բոլորին չափ։ Արդի կեանքը շատ բարդ ու ընդարձակ երեւոյթ է միայն տաղանդով, անգիտակիցով նուաճուելու համար։

[15]          Արուեստագէտ մը իր ժամանակէն անջատ միութիւն մը չէ անշուշտ։ Վարդապետ ըլլալու հարկ չկայ՝ հասկնալու եւ ընդունելու համար տարազին կշիռը գործերուն վրայ։ Բայց իրողութիւն է, որ անիկա չի կրնար բացատրել հիմնականը, այսինքն՝ ա՛ն իսկ, զոր բացատրելու համար ճամբայ ելած էր։ Ինչպէ՛ս տարազել գործը Տ. Չրաքեանին, որ բաւական է հերքելու իր շրջանը, հոն տիրող ճաշակները եւ գրականութեան բոլոր օրէնքները։ Գիտութի՞ւն, քնադատութի՞ւնը։ Փորձը բաւական դժնդակ է եղած ծանօթ մարդոց մատներուն։ Տպաւորապաշտութի՞ւն, քննադատութիւնը։ Ատոր ալ համը առինք մարդոց վրայ, որոնք չմեռած ջնջուեցան մելանի հեղեղին մէջ ու կը յիշուին օրէնքը լուսաբանելու տխուր բախտով մը։ Գեղեցկագիտութի՞ւնը։ Մաս կը կազմէ իմաստասիրական ուսուցման, այսինքն՝ տեսակ մը բանաստեղծութիւն, ուր գաղափարները կը փոխարինեն զգայնութիւնը ու ասոր տարրերը։ Ճիշդ չէ մեթոտը նոյն խստութեամբ կիրարկել այն զաղփաղփուն էակներուն վրայ, որ գաղափար կ՚անուանուին։ Կախարդներ միայն (Պղատոն եւ ուրիշներ) անվտանգ կը փորձեն խաղը։

[16]          Անհամ ու տխուր բան է մարգարէութիւնը, մանաւանդ գուժկան երակէն։ Բայց կէս դարէ ասդին մեր գրականութիւնը չունի հակառակը հաստատող փաստեր։ Տակաւին պէտք է դիտել մեզի յատուկ զառածումի եղանակ մը, որ գրագէտը կ՚ապրեցնէ իր ստուերին մէջ, երբ անկէ թռած է սրբազան հեղուկը, եւ մնացո՛ղը վարժապետն է, քարտուղարն է, խմբագիրն է, որ հին փառքին մուշտակովն է կը պտտի մարզէ մարզ։ Կը խնայեմ անուններ։ Կարդացէք հայ թերթերը, ու դուք պիտի ցաւիք այս կամաւոր կուրութեան։ Օտարներուն մօտ դիտուած են շքեղ սուզումներ, վճռական ու անվերադարձ, որոնք կանխահաս ըլլալնուն չափ յատկանշական ալ կը մնան, տաղանդը պաշտպանելով այլատարր ազդեցութիւններէ եւ փրկելով անոր դիմագիծը մէկ անգամէն։ Արթիւր Ռէմպոն գեղեցիկ օրինակ մըն է այդ դասակարգէն։ Տասնվեց-տասնեօթը տարեկանին՝ անոր մէջ աւարտած է բանաստեղծը, վերջնական ու անմահ ու անոր միւս անձերուն մէջ (գրեթէ կարեւոր ստեղները թափառականի մը կենցաղէն) ո՛չ մէկ նշան առաջինէն։ Բայց դիտուած են դարձեալ նոյնքան շքեղ վերադարձներ, որոնք կը հերքեն դիւրին պատգամները։ Երկար ու վճռական պիտակուած դադարներու կը յաջորդէ երբեմն լրիւ պսակում մը, որ կը փակէ արուեստագէտին յաւիտենական երիտասարդութիւնը ճերմակ մազերու սրտառուչ ու տպաւորիչ գեղեցկութեամբ մը։ Առաջին ու երկրորդ Վինէիին մէջտեղը քառասուն տարիներու սառն լռութիւն մը կը փորուի, քերթողական անդունդներէ։ Բայց անդունդին երկու ափերէն կամարուող դէմքը չի հերքեր ինքզինքը։ Եւ ուրիշներ։ Բայց օրինակները կ՚ունենան մեծ գրականութեանց յատուկ կնիքով մը։ Տրուածին, առնուազին տեսակաբար արժէքը վճռական է յաճախ, երբ մանաւանդ յետնագոյն բխումները նուազում կը մատնեն։ Պէտք է հանդարտ թողուլ կասած գրագէտը, որմէ առատ ունի մեր դժբախտ գրականութիւնը։ Ան աշխարհի աչքին կը շարունակէ ճարտար ու տխուր խաղը, մշտապէս պատնէշին վրայ երեւալու եւ արտադրելու։ Չենք ըսեր իրեն, թէ որքան պիտի շահէր, երբ լռելու քաջութիւնը նախամեծար համարէր սնամիտ պատրանքէն։ Չ՚աճիր գրագէտը, երբ կը սնանի բացառաբար իր անցեալէն, այսինքն՝ նախորդ գործերու մէջ իր ներկած դաշտերէն սիրտ չ՚ըներ հեռանալու։

[17]          Այս է պատճառը, որ ներկայէն ընդունած իր բովանդակ շփացումին հակառակ բանաստեղծը նոյնքան անգթութեամբ կը պատժուի ապագայէն, որ եթէ միշտ արդար ալ չէ, կեղծաւոր չի կրնար ըլլալ։ Աղեքսանդր Փանոսեանի անունը դրօշակ մըն էր ատենին։ Այսօր վախով կը գրեմ զայն՝ երեւոյթի մը բերած իր տխուր փաստին համար։ Ու պատճառ չի կայ, որ իրողութիւնը չտարածուի նաեւ բոլոր այն անուններուն վրայ, որոնք հրապարակը կ՚աղմկեն քրմական կամ խաչուած երազներով։ Գրագէտի մը գործէն շատ բան կրնայ թափիլ։ Կը թափին թերեւս ամէնէն ամուր կարծուած գեղեցկութիւնները, որոնք ով գիտէ ինչ քրտինք, յոգնութիւն, հպարտութիւն ու գոհացում արժած են անոր ոճն ու սարիքը։ Եղիան այսքան շուտ ծերացնողը, գրեթէ անընթեռ ընողը իր ոճին ծաղիկները կը կարծեմ, որոնք մինչեւ աճպարարութիւն տարին զայն։ Մեծարենցի ոտանաւորը մահու չափ վիրաւորուած է շրջանին նրբազդեցիկ ձեւերէն։ Ու ասիկա՝ վաւերական գրողներուն համար։ Ա՛լ ձեզի կ՚իյնայ տարածել փտախտը անոնց վրայ, որոնք տաղանդը շփոթեցին ձեռքի ու ոտքի վարժութեանց հետ։ Կը թափին թերեւս գաղափարային ամբողջական դրութիւններ իրենց հոյակապ տիտղոսումներով, ու ասոնց պաշտպանումին, տարածումին համար վատնուած խանդն ու կորովը, բարկութիւնն ու հայհոյանքը։ Ո՞վ պիտի կարդայ Զոլայի եօթ-ութ հատոր քննադատականները, որոնց վրայ այնքան հաւատք ունէր մեծաշունչ վիպասանը։ Բայց գրագէտին համար իսկ կորստաբեր այս տարրերը անողոքաբար մահացու են քերթողին համար։ Վասնզի, կը պատահի, որ ու ասիկա նոյնիսկ ամէնէն դժբախտ գրագէտին մօտ, հեղինակի մը քանդել կամ ընդգրկել ուզած բարքերը (գրագէտը բարքերու ենթահողին վրայ աշխատող, մարդկային քարածուխին մշական թիապարտ-բանուորն է, ուզէ կամ չուզէ) այդ պիտակով դիմանան իր գործին ընդհանուր աւերակին վրայ ու վաստակի, երախտագիտութեան վարկ մը ճարեն նոյն այդ հեղինակին հաշուոյն, ապագային կողմը։ Լատին քրիստոնեայ , եւ Գ, դարերը) անկումի գրագէտները արժանի են անվերապահ յարգանքի, հեթանոսութեան դէմ իրենց յարձակողականին մէջ, իրենց հարուածներէն աւելի իրենց թիրախովը։ Ո՞ւր է Խորենացիին թանկարժէք մասը։ Նորերէն կը բաւականանամ յիշելով Պարոնեանը որուն շնորհով այնքան անուններ ու բարքի տախտակներ փրկուեցան ժամանակէն։ Վէպը, որքան ալ անյաջող (Տիկին Ս. Տիւսաբի հատորները) իր դիակովն իսկ կրնայ օր մը օգտակար դառնալ… առնուազն բարքերու պատմագրին։

[18]          Բանաստեղծի մը յայտնութիւնը չի հպատակիր քերթողական ո՛չ մէկ սահմանադրութեան։ Մինչ՝ արուեստի ուրիշ ձեւերուն համար անցեալը, աւանդութիւններ, քիչ-շատ կազմակերպուած թեքնիք մը, եղանակին փորձառութիւնը, մէկ խօսքով՝ թանկագին նպաստներ կը հայթայթեն արուեստագէտին, մեծ չափի վրայ դիւրացնելով անոր աշխատանքը, հակառակն է, որ ճիշդ է քերթողական կալուածին մէջ։ Բանաստեղծը կ՚արժէ իր տարբերացմամբը հրապարակի կաղապարներէն։ Անիկա պիտի չնմանի ոչ ոքի իրմէ առաջ։ Ու այս պահանջը վճռական է թէ՛ ձեւին, թէ՛ խորքին վրայ, այլապէս նախատիպարը կ՚ապրի, մինչ նմանցուածը մեռեալ է։ Ու պիտի ըլլայ ինքզինքը այնքան յստակ, պինդ ու բացարձակ, որ պիտի չկրնան նմանիլ իրմէ վերջը անոր։ Գերազանցութիւն, բացարձակութիւն չեն անցնիր մտքէս։ Գրականութեան նիւթը հասարակաց է։

              Բանաստեղծութիւնը ինքզինքը հերքելու մեղքով մը կը դառնայ հասարակաց։ Վասնզի նոր քերթողական մը արդիւնք է զգայնութեան նոր ու անսովոր, անակնկալ պոռթկումի մը ու իբր այդ միայն մեզ կը շահագրգռէ։ Մենք ի՛նչ ունինք սորվելու Պ, Դուրեանի տաղարանէն, եթէ ոչ միայն ու միայն անոր զգայնութեան զարկն ու կրակը։ Մենք կը սիրենք Մեծարենցը, վասնզի, հակառակ ձեւին բոլոր մեղքերուն, իր զգայնութիւնը նոր է բոլորովին։ Ա՛ն է բանաստեղծը, որուն ջիղերը կը տարբերին ծանօթ լարերէն։ Անիկա, բանաստեղծը, պիտի հրուի, անգիտակից որակուելու չափ անստոյգ, բայց նոյնքան հրամայական մղումներէ, որոնք կ՚արօրեն իր հոգին փայլակին պէս ամէն ուղղութեամբ ու այդ բռնկումներուն տարազը գտնելու համար ինք պիտի ձեւէ իր ճարտարապետութիւնը, իր ներսէն քաշելով շէնքին ամբողջ կշռոյթը։ Ատա՞ղձը։ Բայց ամէնունն է անիկա։ Ուրեմն՝ զգայնութիւն ամէնէն առաջ։ Ու տարազ, որ բոցը տաղաւարող շապիկն է։ Վճռական ստորոգելիները բոլոր քերթողներուն։ Յետո՞յ։ Այսինքն՝ ինքզինքը անգամ մը ձեւելէ եւ կոթողելէ յետոյ։ Կը պատահի, որ մահը գայ կնքելու արձանը ու ազատէ ժամանակէն։ Կը պատահի, որ գայ զառածումը։ Բանաստեղծը ինքզինքը իրացնելէ յետոյ, թերահաւատ ու սնամիտ, զգեցուածքն ընէ նոր տարազներու։ Անիկա պիտի համակերպի, այդ փառասիրութեան համար, իր խորհուրդին հակադիր մղումներու ու պիտի երգէ հաւաքականութիւն, արդարութիւն, բարիք, քրմութիւն ու անվատնելի շտեմարանները մարդերու հին ու նոր յիմարութեանց։ Բայց, այդ ըրած ատենը, բախտին տարօրինակ մէկ խաղովը մինչ կը փառաբանուի ամէն բերանէ, անիկա դուրս կը գտնուի ստեղծումին խորհուրդէն։ Ու միամիտ անգիտութեամբ մը կը մանրէ ինքզինքը։ Այդ բոլորը ապառնին իբր մեռեալ տարր պիտի նետէ իր գործէն։

[19]          Նոյնիսկ մեծագոյնները ազատ չեղան այս մեղքերէն։ Դուրեան մնաց մշտական ենթակայ այդ անփորձութեանց։ Արուեստի տեսակէտէն անմեղ քերթըուած գրեթէ չէ ելած անոր գրիչէն։ Մեծարենց երեք-չորս տարի տառապեցաւ անոնցմով ու իր գործին երեք չորրորդը կնիքին տակն է այս տկարութեան։ Ու արդէն սկսած է ճաթռտիլ գաճը անոնց խմորին։ Մ. Զարիֆեան, հակառակ հարուստ ու տապահար իր զգայնութեան ու ջիղերուն կարմիր այրումին, այսօր անուն մըն է միայն, անարձագանգ ու թերի։ Երիտասարդ մահացած այս քերթողներուն հարկադրած անկատարութիւնը թելադրիչ է ասպարէզի մրցորդներուն համար։ Ան կ՚ապացուցանէ երկրորդական կշիռը տարազներուն։ Կը կարդանք զանոնք ու կ՚անցնինք մեղքերէն։ Հակադիր երեսէն մերձեցում մը անշահեկան չէ դարձեալ։ Աւելի՞ բախտաւո՛ր անոնք՝ որոնք իրենց ձեւը խնամեցին ու յղկեցին։ Չեմ կարծեր։ Ու անուննե՛ր։ Ռ. Զարդարեանէն կը մեռնի ինչ որ լիաշուրթն փառաբանուեցաւ մեր անհեռատես դատողներէն, այսինքն՝ իր ներդաշնակ նախադասութեանց ամբողջ սարուածը, ինչ որ նոր օրերու հռետորութիւնը դրած էր ֆրազին մէջ իբր զարդափոշի ու ներկ։ Անդին կը շահի մեր համակրութեան մէջ ի՛նչ որ մեր դատողները իբր արգահատանք ընդունած ըլլային, կը յայտարարէին Մելքոն Կիւրճեանէն, վասնզի այս հաստ ու կենդանի գեղացին 95ի ասպետներուն ջղագալար ու աստեղաձեւ նրբութիւնները բնազդովը գիտցեր էր արհամարհել։ Մեր ռոմանթիքները ի՜նչ սրտառուչ ճաշակով ու աւարտած գիտութեամբ իրենց ֆրազին ու տողերուն կտրուածքին կը հագուեցնէին բոլոր ծաղիկները գրաբար համաձայնութեան, ու բոլոր ձեւերը դասական գրագիտութեան։ Բայց փորձեցէք կարդալ Նար-Պէյը։ Ապրո՞ղը այս ճղակոտոր պերեւեթումէն։

[20]          Սրտին, ու անկէ բխող եւ «ուղեղէն առնող» բանաստեղծութեան իսկութիւնը (poésie pure) դեռ չդրուած հարց է մեր քննադատութեան մէջ, որ մեր բանաստեղծները տեսաւ ռոմանթիք պատմուճանումով ու յաջորդող իրապաշտութեան ցուրտ տարազներովը։ Դժուար է այսօր, մեր քերթողներէն վերլուծումներու ճամբով, քիչ-շատ յստակութիւն հայթայթել այս կարեւոր վարկածին շուրջ։ Մեր օրերուն, զուտ, բառի պայքար մը չէր ի՛նչ որ արծարծուեցաւ անխառն բանաստեղծութիւն յղացքին շուրջը։ Խոր ու ընդարձակ այդ հարցը կարելի չէ նոյնիսկ շրջագծել նոթերու այս շեմայով։ Մէկ բանաստեղծ միայն մերիններէն առիթ կ՚ընծայէ անոր յարուցած թելադրումներովը զբաղելու։ Ատիկա Վ. Թէքէեանն է, որ մշտական վտանգին հետ է խաղացած մտածելու, բայց սրտէն առնելով։ Ճշդելէ առաջ այդ վերագրումին տարողութիւնը կը փութամ աւելցնել, որ վարկածը կ՚ընդլայնէ քնարերգութեան ընթացիկանձկութիւնը, ընդունելու համար իրմէ ներս ամէն իրապէս զգացուած ու ապրուած յուզում, որ իր անկեղծութեամբը, խորութեամբը ու արիւնովը անմիջապէս կը զատուի բառակոյտէն։ Ու մտածումը իբր զօրաւոր ապրում ո՛չ թէ բնազանցական կառուցում ու ընդհանրացում կը մտնէ քերթութեան կալուածին մէջ։ Բայց ո՞ւր կը դադրի ստեղծումը, ո՞ւր կը սկսի մտածումը։ Հարկ է զգոյշ մնալ ու աժան տարազներու ծախքը խնայել գիտնալ մերինին նման նախնական դատարանի դատաւորներուն։ Արդար է ստորագծել ու անջատել քերթողի մը առաջին ու լեցուն ներշնչումը, ու ասոր թարմ, շաղապատ, մերկ, պատանի գեղեցկութիւնը այն միւս օծուն, խոր, լուրջ շնորհէն, զոր նոյն այդ վաւերական քերթողին կը գտնեն գտնելու շնորհ ունեցողները։ Նման ընդհանրացում մը կարելի է գործադրել Վ. Թէքէեանի քերթողութեան վրայ, ուր մարդերու սրտին ամբողջ ստեղները ուռնակուած են տրտում, անկեղծ, պատրանքէ մը զերծ մատներով։

[21]          Արուեստին այս սուտ ու դժբախտ մարգարէները սրտառուչ են իրենց միամտութեան, ինչպէս շնորհազրկութեան մէջ։ Կան՝ որ դժգոհ գուցէ իրենց նոր օրերէն, հաւատարիմ մնալու համար հին մտապատկերին, հերարձակ ու կոյր՝ կը խոյանան բառերու անհուն ասպարէզին մէջ, ջարդուփշուր ընելով լեզուին բոլոր տունկերը ու, նոր ու անտիպ ըսելու ճիգով, պատկերը պատկերին վրայ կը դիզեն, կարծես տաղանդ ըլլար ատիկա, ու փարատոքսը կ՚իրագործեն սիւնակներով փոխաբերութիւն «հաստատելէ» յետոյ, աչքի ու ականջի ոչ մէկ զգայութիւն ուրուացնելու կարդացողին մէջ։ Գրեթէ դպրոց մօտիկ է կազմելու այս զեղծանումը որուն օրինակը մեզի եկած էր 900էն։ Ուրիշներ, քսան-երե- սուն տարիներէ ի վեր իրենց սրտառուչ ու վսեմ ու «ադտիկեան» դարպասը կ՚ընեն նշանաւոր քոյրերուն ու չեն կրնար չքերթել, չզրկելու համար տարեցոյցները, թշուառական թերթիկները, մանկունակ հանդէսները, որոնք սիրտբաց հիւրընկալութիւն մը մշտապատրաստ կը պահեն իրենց առաքումներուն։ Ի՜նչ մելամաղձոտ գեղեցկութիւն մը կը հովանաւորէ այս անսպառ հաւատքները։ Ու ի՜նչ բարութիւն, առաքինութիւն, ժողովուրդին ծառայած ըլլալու գոհունակութիւն է իրենցը, երբ իրենց ոտանաւորը կը գնահատուի ծերուկ տէրտէրէ մը կամ բազմահմուտ պատուելիէ մը։ Անոնց խնայուած է արուեստի տառապանքը, վասնզի փակուած է ընդմիշտ անոնց հոգիներուն կափարիչը արուեստի լոյսին, զոր կ՚անգիտանա՜ն, վեր են անկէ ու չեն կասկածիր իսկ։ Կան՝ որ անյեղլի ու սրբազան պարտականութիւն մը կը դաւանին երեւնալ անպայման բոլոր թերթերուն մէջը։ Ասոնք կարդացած են, տեսած են, մարզուած են, բայց չեն զգացած։

              Արուեստին զգայարանքը վարակուած է անոնց մէջ ախտաւոր անզգածութեամբ մը, անէութեամբ մը։ Հետաքրքրական են իրենց քերթովը, որոնք հոտուըտալ կը յաւակնին գեղեցկագոյն քերթուածները աշխարհի գրականութիւններով։ Կը զարմանաս, երբ անոնց պատահական յօդուածներուն մէջ հանդիպիս արուեստին ու սիրտին վաւերական կիսաստուածներէն վերցուած գոհար ծաղիկներուն։ Ու կը հարցնես իրա՞ւ են ասոնց ճաշակները։ Իրողութիւնը այն է, որ մեղրի մը կաթիլը արժէք ունի միայն լեզուի բջիջներուն վրայ։ Մատը համ պիտի չառնէր։ Աշխարհի գեղեցկագոյն տողերը շատերու ուղեղին վրայ կը մնան այնպէս՝ ինչպէս կաթիլ մը մեղրը մեր մորթին վրայ։ Բայց ի՜նչ քաղցր երախտագիտութիւն մը կը բոցավառէ այս մարդերը, ասոնց այսպէս ըսուած զգայաթափութիւնը երբ այս ու այն անկիւնէն, աժեմ կամ չաժեմ գովեստի տող մը մոլորած է իրենց հասցէին։ Ատիկա զիրենք կ՚ընէ գօտեպինդ, կու տայ կորով աւելի քան եռանդով շարունակելու «նահատակութիւնը» (հին իմաստով), ու նայելու արգահատանքով ու վերէն շրջապատին։ Իրենց ազազուն այս մեծամտութիւնը զգալու շատ պատճառներ ունին ու պիտի չարթննան անկէ երբեք։

 

[22]          Ռոմանթի՜ք այդ յղացքը, որով քերթողը ինքզինքը կը նոյնացնէր հին կրօնքներու քուրմերուն ու մարգարէներուն, ու երբ այդ, իրեն կը վերապահէր ժողովուրդները վարելու վսեմ պարտականութիւնը։ Չեմ գիտեր աւելի՞ լաւ ձեռքերու անցած է այսօր այդ պաշտօնը։ Իրականութիւն է, որ Լամարթինի պարտութիւնը (1848) նշան մըն է դերերու շրջումին ու Հիւկոյի թաղումը փա՛ստ մը քաղքենի աճպարարութեան։ Մեր մէջ այդ քրմութիւնը արդէն շեղած է միշտ բանաստեղծէն։ Մենք մտիկ չենք ըրած ոչ մէկ բանաստեղծ, գուցէ անոր համար ինքզինքնիս միայն արժանի կը դատենք մտիկ ըլլուելու։ Միւս կողմէն՝ պէտք չէ մոռնալ, որ յղացքը աւելի յաւակնոտ ու նման «առաքելոյ աղաւնոյ» գացած է թառելու ուրիշներու ուսին։ Այս ընտրեալները, մեր մէջ, կը միացնեն նուիրապետութիւնը բոլոր աստիճանները իրենց ամէնօրհնեալ գլուխին վրայ ու շատ մեծ, ծիրանաւոր, երանելի անձնաւորութեանց մէջ։ Նոր բանին այս քարոզնե՜րը, մեր մամուլին երիցս սուրբ հայրապետները, որոնք անհուն հակամարտութիւններու, եղերական բզկտումներու պարունակէն իրենց դասակարգը գիտցած են կազմակերպել, ամրակուռ ու անմատոյց փաղանգումով ու կը վարեն մեր հանրային կեանքը իր գրեթէ բոլոր արտայայտութեանց ու զարմանալի՝ նոյնիսկ գրական մարզին վրայ իրենց ամենահաս իմացականութեան անյեղլի օրէնքներով։

              Անոնց հետ աւելի ուշ։