ՆՈՐ
ՏԱԳՆԱՊԸ
ՆՈՐ
ՏԱԳՆԱՊԸ
*
(Գրականութեան
համար)
Պատերազմէն
ասդին,
ազգերու
գրականութիւնը(1)
երեւան
բերած
է
կարգ
մը
յատկանշական
երեսներ,
յաւակնոտ
բառով
մը՝
դիմայեղումներ(2),
որոնց
մէջ
կարելի
կ՚ըլլայ
դիտել
մեր
ու
միայն
անմիջապէս
մեր
ժամանակը
բնորոշող
արտայայտութիւններ,
խորքին
ու
ձեւին
շեշտ
ինքնացումներով,
չըսելու
համար՝
զառածումներով,
բոլորն
ալ`
քիչ-քիչ
ընդհանրանալու
վրայ
նկարագիր
դառնալու
աստիճան։
Եթէ
ստոյգ
է,
որ
ազգերը
առաջնորդող
կարգերուն
մէջ
հսկայ
անջրպետ
է
փորուած
միեւնոյն
սերունդին
համար,
տղան
հօրը
անծանօթ
ընծայելու
չափ՝
կեանքը
ըմբռնելու
եւ
վարելու
եղանակին
վրայ,
աւելի
քան
ստոյգ
է
տարբերութիւնը,
որ
կը
բաժնէ
այդ
կարգերէն
բխող
արւեստը
իր
շատ
մօտիկ
անցեալէն։
Ուշագրաւ
է,
որ
ԺԸ.
րդ
դարու
վերջին
վերիվայրումը,
քաղքենի
հետեւանքներովը
աւելի
արմատական
գրականութեան
մէջ
իր
հակափորձը
տալու
համար
սպասած
ըլլայ
աւելի
քան
քառասուն
տարի։
Ներկայ
յեղաշրջումի
ու
անկէ
քամուող
տագնապին
առաջին
ծուէնները
կը
սկսին
գրեթէ
աղէտին
հետ։
Առաջին
գիրքերը
պատերազմի
դաշտէն
խմբագրուեցան։
Ժամանակակից
մեծ
համագրողները
հետզհետէ
կը
ձգտին
դուրս
հանել
լինելիութեան
ու
քաոսին
ընդհանուր
մշուշէն,
որ
կը
շրջապատէ
արուեստին,
ինչպէս
կեանքին
բոլոր
տրտումները,
ու
դասակարգել
ու
պիտակել
շարժումը
կրող
ու
ծաւալող
գլխաւոր
հոսանքները։
Զայն
բացատրելու
համար
անոնք
պարտաւոր
էին
վերլուծման
ենթարկել
արդի
տագնապը
պատրաստող
ու
պարտադրող
խմորները,
ինչպէս
նաեւ
տարազները։
Անոնց
մէկ
մասը,
քաղաքական
ու
ընկերական
գետինները,
անշուշտ
կը
կանխեն
աղէտը,
կիսադարեան
ու
աւելի
տեւողութեան
մը
վրայ։
Տնտեսական
դրապաշտութիւնը
անբաւական
է,
սակայն,
բանալին
տալու
համար
ահաւոր
առեղծուածին,
որ
ցցուած
է
մտածման
հորիզոնին
ու
իր
ստուերը
արդէն
կը
փռէ,
կապարէ
սաւանի
մը
պէս,
արուեստագէտին
վրայ։
Գրեթէ
չկայ
խորհող
մը,
արուեստի
խոնարհագոյն
սպասարկու
մը
նոյնիսկ,
որ
յաւակնէր
ինքզինքը
հաւատարիմ
ընել,
գտնել
իր
այն
շրջանին,
երբ
ուրականին
արձակումէն
առաջ
կը
ստեղծէր,
հնազանդելով
շրջանի
բարեխառնութեան։
Փոխուա՞ծը։
Պէտք
չէ
աճապարել,
յախուռն
տարազներու
սնամէջ
բառակոյտին
հասնելու
համար։
Անշուշտ
այս
փոփոխութիւնները,
այլացումները
ամբողջութեամբ
վերագրելի
չեն
հսկայ
գուպարին։
Ըսի
անոնք,
որոնք
բաւական
մը
կ՚երթան
ետ,
անցնելու
համար
հարիւրամեակը
գրեթէ։
1848ը,
հակառակ
քաղաքականապէս
ծիծաղելի
թուական
մը
ըլլալուն,
արուեստին
համար
մեկնակէտ
մըն
է
ու
յատկանշական։
Ուշադրութեան
արժանի
կը
նկատեմ
ոչ
թէ
անկէ
մեկնող
իրապաշտ
մտայնութիւնը,
այլ,
մանաւանդ,
այդ
մտայնութեան
մէջ
ծուարած
մաղձի
այն
պատկերը,
որ
ռազմային
տարազով
առկախ
կը
պահէ
իր
մէջ
ահաւոր
գալիքը։
Կիւսթաւ
Ֆլօպէռի
մէջ
այնքան
յատուկ
այդ
սարսափը՝
քաղքենիին
դէմ,
Նիցչէի
մօտ
իմացականացած,
փղշտացի
ու
մաքսաւոր
իբրեւ
խափանուած,
առաջին
բառը
կու
տայ
արդի
հոգեբանութեան։
Աշխարհի
վեցերորդ
մասին
մէջ,
այդ
տարազը
արդէն
արդարացուցած
է
իր
պժգանքը։
Բայց
աշխարհի
միւս
մասերուն
մէջ,
պատկերը,
խնայուած
ամբոխին
նշմարելի
է
եւ
պարզ՝
դարձեալ
աչքերուն
համար։
Ի՛նչ
որ
արուեստի
անհաղորդ
ու
անատակ
ուղեղներու
մէջ
ապրեցուց,
այնքան
ներզօր
կեանքով
մը,
երազը
հսկայ
գալիքին
ու…
գահերն
իսկ
կործանեց
այնքան
աննահանջ
դիմագրաւումներով
ու
պատրաստեց
զանգուածներուն
խղճմտանքը,
կը
փորձուի
այսօր,
թէեւ
նուազ
վճռական
ու
թատերական,
վասնզի
արուեստագէտը,
բառին
իսկ
կշիռովը
կակուղ
մատներ,
կակուղ
կռնակ
ու
սրունք
ունի,
ու
չի
դիմանար
նոր
գործողութեան,
զայն
պարտադրելու
համար
պահանջուած
կորովին,
որքան
յիմարութեան։
Որքան
ալ
բանակներու
եւ
հոգեւոր
զօրասիւներու
թիւը
ըլլայ
շատ,
պաշտպանելու
համար
տիրող
իրաւակարգը,
ոչ
ոք
կը
տարակուսի
մօտաւոր
գալիքէն։
Բայց
ատկէ
առաջ,
ստոյգը
ան
է,
որ
այսօր
գոյութիւն
ունի
մտքի
ու
չգոյութեան
բացառիկ
վիճակ
մը,
սկիզբը
առած
մեծ
բախումէն
բաւական
առաջ
եւ
որ
հասած
է
հարկաւոր
խտութեան,
կազմել
կարենալու
համար
հոգեկան
լինելութեան
ճնշում
ու
բարեխառնութիւն։
Այս
բարեխառնութեան
քաղաքական
ազդմունքը,
մանաւանդ
Արեւելքի
մէջ,
զօրաւոր
է
բաւական
մտատանջութիւն
առնելու
չափ
հին
կարգերէն
դիւանի
գիտուններուն
եւ
խարդաւանանքի
ասպետներուն։
Ընկերային
նուաճումնե՞րը։
Անոնք
կ՚ամրանան
արդէն,
Հիւսիսէն
սպառնալով
Արեւմուտքին
ու
Արեւելքին։
Ի՛նչ
որ
այս
յեղաշրջումին
մէջ
կայ
փոքր,
մարդկօրէն
նուաստ,
համեմատական
է
մարդ
արարածին
առաքինութեանց
տոկոսին։
Մեր
ժողովուրդին
համար,
անոր
ներկայացուցած
վտանգը
կ՚անցնի,
ինչ
որ
դարերու
վրայով
փորձուեցաւ
մեր
հոգեկան
կորիզին
վրայ,
վար
մնալով
միայն
թուրքին
եաթաղանէն։
Մնաց
որ,
այս
նոթերուն
տարողութիւնը
դուրս
է
հաստակական
թեզիսներէ։
Ատիկա
հաճոյքով
կը
ձգեմ
տիտղոսաւոր
պաշտօնատարներուն
եւ
կամ
հեռուէն
տեսաբանող
մեր
միամիտ
խմբագիրներուն։
Աղմո՜ւկ,
յուզո՜ւմ,
արի՜ւն
ու
կախաղա՜ն։
Միլիոններու
պողպատ
ճակատին
դէմ
ուրիշ
աւելի
շատ
միլիոններու
գրոհ
մը,
յամառ,
վճռական,
որ
զսպուած
ու
շղթայակապ
վաղը
պիտի
թաւալի
ու
թաւալէ
իրեն
հետ
որդնոտած
հսկան։
Բայց
ատոնցմէ
դուրս,
որոնք
փոթորիկին
խուլ,
հեռանկեալ
որոտումներուն
կը
նմանին
քիչ
մը,
եւ
ատով
անորոշ,
ասդին
արուեստի
կալուածին
մէջ
ուրիշ
ճնշում
կը
յայտնաբերուի։
Այդ
խռովքի,
եռքի
ու
զարկի
հոգեբանութիւնը
հոն
է,
որ
տարազի,
կերպի
կը
մտնէ,
ու
վաւերատիպ
կերտումներ,
յիշատակարաններ
կարելի
է
արդէն
մատնանիշ
ցուցնել։
Փոխանցումի
կամուրջներ։
Թերեւս,
բայց
միտքին,
արուեստին,
թիւին
այս
հակումը,
դէպի
նոր
կարգերը,
անոնց
հաստատ
արեւելումը
իր
կնիքը
դրած
է
գործերու
վրայ
ու
կարգ
մը
գիրքեր,
սեռիներ
թանկագին
փաստաթուղթեր
եւ
հոգիներու
մէջ
պատրաստուող
յեղափոխութեան(3)։
Կանխահաս
է
խոշոր
պիտակներ
փնտռել
տիտղոսելու
համար
ինչ
որ
նկարագիրը
կու
տայ
նոր
գործերուն։
Մենք
կը
գտնուինք
քաոսի
մը
դիմաց,
որ
հաւատարմօրէն
կը
կրկնէ
զինքը
առաջացնող
դասաւորումին
(ընկերական)
շփոթ
ու
շիլ
մեքենականութիւնը։
Աւելի
քան
երբեք
խռովայոյզ,
այժմու
քաղաքակրթութիւնը
պատերազմի
պաշարման
վիճակի
սաստկացած
երկարաձգում
մըն
է
ու
կը
շարունակէ
իր
անյագ
շահագրգռութիւնը
դէպի
գործերը,
որոնք
ալեծուփ
ու
տարերային
այդ
մշուշներն
ու
հակահարուածները
կերպաւորել
կը
ձգտին։
Սրտի
խռովքը
գրեթէ
կը
կրկնէ
1850ի
խռովքները,
որոնք
գրականութեան
շահեցուցին
Ֆլօպէռն
ու
Տոսթոեւսկին,
քիչ
մը
կանխայարոյց
Պալզաքը
ու
ծեքծեքուն
Թոլսթոն։
Բայց
դիտողութիւն
մը,
մարդիկ
միշտ
ալ
կարդացած
են
նախճիրներու
վէպը(4)։
Ի՛նչ
որ
ուշագրաւ
է
հոդ,
անոր
չունենալն
է
նմանութեան
ոչ
մէկ
եզր
պատմելու
դասական
եղանակին
հետ(5),
որմէ
նմոյշներ
կրնաք
գտնել
Միշըլէի
նոր,
ու
լատին
պատմագիրներու
(Տիտոսլի
Վիոս
մը,
օրինակի
համար)
հին
պատմումներէն։
Անիկա
մերձեցում
չունի
նորէն,
զուտ
վիպական
կամ
գրական
որակուած
հիւթառատ,
խոշոր,
հաստատ
պատմումին
հետ,
ուր
երեւակայութիւնը,
հըմտութիւնը,
հնագիտութիւնը,
գրականութիւնը
կը
գործեն
առաջին
գիծին
ու
զրոյցը,
իրողութիւնները,
մարդկային
ճշդութիւնը
կը
պահեն
իրենց
ճնշումին
տակ։
Մեծ
ռուսի
մը
հսկայ
մէկ
ձեռնարկը
(«Պատերազմ
եւ
խաղաղութիւն»)
որքան
օտար
պիտի
գար
Էրիխ
Ռեմարքի
օրագրին
ձախող,
բայց
իրական
ապրումներուն
դիմաց։
Բայց
որքան
մեզի
մօտ
է
այս
կցկտուր
ու
գրականութեան
համար
անտաղանդ
հռչակուելիք
հատորիկը։
Անոնք,
որ
պատերազմ
ըրին,
դուրս
բերած
են
անկէ
ուրիշներու,
հեռուէն
դիտողներու
համար
անկարելի
փորձառութեանց
անսահման
մթերք
մը,
բայց
ատոնք
վերափորձելու
ընդունակ
ջիղերու
բացառիկ
ընկալչութիւն
մը,
որոնց
դիտողութիւններուն,
վերլուծումներուն,
նոյն
իսկ
անդաճումներուն
մէջ
կը
վերածուի
անողոք,
անճողոպրելի
թրթըռումի
մը,
ամէն
կողմէ
պարուրող,
սպառիչ։
Ու
անոնք
պիտի
ըսէին
բաներ,
որ
չէին
լսուած։
Ու
ըսին
այդ
ամէնը։
Այդ
խոստովանութիւններէն
ու
այդ
անհուն
քայքայումէն
կը
սկսի
նոր
տագնապը
-եթէ
կ՚ուզէք
գրական
տագնապը։
Բ.
Կ՚արժէ
անիկա
ցաւի,
բեկումի,
անյատակ
յուսալքման
մթերքովը,
դիզուած
պատիկ
մարզի
մը
վրայ,
որ
մարդերուն
ուղեղը,
երբեմն
սիրտը
կը
կոչուի
եւ
որուն
վրայ
կը
բանի
անընդհատ
վերլուծումին
գրիչը
ու
գեղեցիկ
բախտով
մը
բառ
ու
մշուշ
չ՚աղար
միայն
(ինչպէս
է
յաճախ
իրողութիւնը
հոգեբան
տիտղոսուած
դպրոցին
մէջ)
եւ
կը
վերածէ
մտածումները,
բոլորն
ալ
այդ
պատիկ
իրեն
փրթող,
հողի
կամ
արիւնի
գոյն,
տունի
մը
երազովը
դալկահար,
մարդկօրէն
խեղճ,
իրաւ,
անողոք
սիրոյ
ծարաւի
մը
մէջ
հեւացող
այդ
մտածումները՝
շօշափելի
ըսուելու
չափ
պայծառ
զգայութիւններու։
Ջիղի
ամէն
ցնցում,
ու
դուք
դիւրաւ
կը
հասկնաք,
թէ
որքան
անընդմիջական
են
անոնք
կռուողին
համար,
կը
փոխակերպուի
իմացական
համակարգ
պատկերի
մը,
նոր,
սուր,
անակընկալ,
ինչպէս
ըլլալու
էր
արդէն
սկզբնատիպ
զգայնութիւնը։
Ու
ասիկա
եղանակ
է
բոլոր
նոր
գրողներուն
մօտ։
Ինքնազննութիւնը
չէ
ան՝
փրուստեան
համակեդրոն
ու
անվախճան
վերլուծումին,
կամ
րոլանեան
արագ,
խոշոր,
համադրական
վրձնումին,
որոնց
մէջ
այնքան
հիմնական
դեր
կը
խաղայ
(վերլուծումը)
գեղեցկագիտական
վայելքը
հայթայթելու,
այնքան
էջերու
խելակորոյս
թաւալումէն
ետքն
ալ,
ինքզինքը
անտեսել,
յարմար
պահուն
ցայտեցնել
գիտնալով։
Որ,
երեւոյթները
իրենց
հէնքին
նրբագոյն
նեարդներուն
(Մեծարենց
պիտի
ըսէր
քուղերուն)
ստորաբաշխելու
կամ
անոնց
համացայտ
խմբացումը
իրագործելու
եւ
կամարելու
ճիգին
մէջ
կը
գտնէ
իր
բաւարարումը,
բայց
նոյն
ատեն
անդիմադրելի
պրկումով
մը
կ՚ընկճէ
մեզ,
կեանքի,
դուք
հասկցէք
շօշափուած,
բանուած,
մեր
կզակներովը
բզկտուած
ու
ծամուած
կեանքի
մը
հրթիռներով
մեզ
ողողելով։
Այս
ճիգին
մէջ
ու
այս
արդիւնքին
համար,
թող
անգոսնէ
դիւրին,
մեզի
մատչելի,
սիրելի
ճարտարապետութեան
մը
(վիպային)
առածները
եւ
տեսութիւնները։
Պիտի
չնեղուինք։
Պէ՞տք
է
աւելցնել
տակաւին
գերիրապաշտ
(surréaliste)
պիտակուած
թեքնիքը,
որ
խաչակրութեան
ելած
է
մասնաւորաբար
իմացապաշտ
հանգանակին,
այսինքն՝
մեքենաբանուորական
(գեղեցիկ
բա՜ռը)
տարազին
դէմ
ու,
զգայութիւններուն,
գերիրական
ըղձաւորումներուն
անհակակշիռ
հոսումը,
հեղեղումը
կը
պահանջէ
ու
կը
տարփողէ
արուեստէն
ներս։
Նոր
ֆանաթի՞զմը։
Մի
աճապարէք։
Լիճերն
ու
աշունները,
խաչերն
ու
ովկիանեան
գիշերները,
կուրծքին
ցաւն
ու
դալկահար
աղջիկները
անբաւական
են
այսօր։
Մանաւանդ
մի
մոռնաք,
որ
արդի
վէպը
կը
շահագործէ
սրբապիղծ
յանդգնութեամբ
մը
ու,
ի
հեճուկս
տիրող
մտայնութեան,
պատերազմէն
ասդին
տիրող
հոգիներուն
մէջ
կարմրած,
գիրակազմած
նոր
ժանգը,
ան
որ
հարիւրամեայ
դանդաղ
յառաջատուութեամբ
մը
նեղցուցած
է
մեր
հոգեկան
դրութեան
բոլոր
աւշերակները,
ենթարկելով
զանոնք
ահաւոր
ճնշումի
ու
մեր
սիրտը
ընելով
պրկագին
ու
անձկահար,
մէկ
վայրկեանէն
միւսը
սահմանուած
պայթելու։
Եթէ
հայ
գրողին
համար
ուրիշ
աւելի
տխուր
ու
տափակ
բռնութիւններ
կ՚իշխեն
տակաւին,
ընելով
անոր
գործը
անայժմէ
ու
սուտ,
օտարին
մէջ
ոչ
մէկ
ատեն
այդ
ձգտումը
-լարուա՛ծքը
հասած
է
այս
ուժգնութեան,
աճելով
ազգերու
հոգիին
սպառումէն,
զրկանքին
ու
անհատ
կարօտին
ասեղներովը
խթանուած
ու
տքալով՝
ապրելու
փոխարէն,
չնմանելու
համար
մօտաւոր
հինին,
որ
յօրանջում
մըն
էր
(Շաթօպրիան)։
Արդի
պայմաններէն
բխած
այս
ճնշումը,
աշխարհի
վեցերորդ
մասին
մէջ,
կործանած
է
արդէն
մարդուն
հոգեկան
դարաւոր
շէնքը։
Ասդի՞ն։
Պատերազմը
սրբած,
տարած
է
մեր
ներսերէն
այն
քիչիկ
մը
երկինքն
ալ,
որ
յետամնաց
անսրբագրելի
միամտութիւն
մը,
հարիւր
տարի
յամառեցաւ
գամուած
պահել՝
հին
ու
նոյնքան
հսկայ
կործանումէն
(1789ի
աղէտը)
ճողոպրած
կարգ
մը
անուշ
բառեր
-արդարութիւն,
եղբայրութիւն,
գեղեցկութիւն,
ճշմարտութիւնձեզի
կը
ձգեմ
թուումը
լրացնելու
դժբախտ
պարտքը,
ակամայ
մեղադրելով
հին
ու
յարգուած
ուսուցիչ
մը,
որ
այդ
բառերը
իջեցուց
հասարակութեան
հասակին
ու
կանգունին,
խմբագիրներու
եւ
վարժապետներու
մկրատին
ու
կիներու
թուալէթի
տուփերուն։
Ա՛լ
կշիռ
չունին
անոնք։
Ո՛ւ,
այսքան
բրտութեամբ,
այսքան
անգութ
շնականութեամբ
մը
անգամ
մըն
ալ
այրիացած,
ամայացած
մեր
հոգեդաշտին
վրայ՝
կրկին
աւերած
եւ
պղծութիւն։
Մենք
բոլորովին
լքուած
ենք
երկինքէն,
որ
մեծ
էր
ու
հեռաւոր,
առնուազն
անհաս։
Ու
մեր
տառապանքին
համար
անհուն
օրօրոց
մըն
էր
ան
իր
զարդերուն
կամարովը։
Հիմա՞։
Կը
թարթափինք
այն
ոսկեզօծ
կամ
մռայլ
աղբին
ու
տականքին
մէջ,
որուն
անունն
է
արդի
քաղաքակրթութիւն։
Շատեր
կ՚ուզեն
կապել
հոգիին
այս
նոր
հիւծախտը,
նոր
ցաւը
այն
միւսին,
որ
հարիւրամեակ
մը
առաջ
բանաձեւուած
էր
(դարուն
ցաւը,
ԺԹ.
դար),
երկարատեւ
պատերազմէ
մը
յետոյ,
պարտուած
ժողովուրդի
մը
իմացական
ընտրանիէն։
Բայց
շահեկան
է
հոս
անդրադառնալ
յաղթանակներու
մօտ
արմատ
նետած
այս
ցաւին։
Պարտուողն
ու
պարտուածը
հաւասարապէս
ընկճուած
են
անով։
Յետոյ
նոր
դժբախտութիւնը
համեմատելի
չէ
իր
հեռագոյն
կարելիութեանցը
մէջ։
Հինը
կը
կռթնէր
հզօր
պատրանքի
մը
վրայ,
երկինք
ունէր։
Մենք
շատոնց
է,
որ
փլած
ենք
մեր
տաճարները։
1830ի
մեծ
մելամաղձոտները
կրնային
վեր
նայիլ։
Այսինքն
տրտմութեան
իրենց
սաղմոսարանին
վրայ,
երկինքէն
մխիթարող
կաթիլներ
կը
զգային
յաճախ։
Մե՞նք։
Բայց
ո՜վ
պիտի
կրնայ
խանդավառութեան,
յոյսի
երկու
կայծ
բռնկեցնել
իմաստին
արդի
մշակներուն
մէջ,
որոնք
կը
յիշեցնեն
հնդիկ
փարիաները,
իրենց
անապատ,
ծարաւ
ու
այրած
հոգիներովը։
Անոնք
որ
այսպէս
ու
այնպէս
իրենց
նաւը
խարսխած
են
ապահով
խորշի
մը՝
հերքելու
տեղ
կը
հաստատեն
արմատային
կոտորածը։
Ո՞վ
պիտի
մօտենար
քակելու
շղթաները
երազի
նոր
թիապարտներուն։
Ամէն
երկրի
մէջ,
նոյնիսկ
հո՛ն՝
ուր
իմաստին
զինուորները
հարիւր
հազարներով
զոհեցին
իրենք
զիրենք,
ճանապարհ
հարթելու
համար
գալոց
օրերուն,
ըսել
կ՚ուզեմ
աշխարհի
վեցերորդ
մասին
մէջ,
նոյն
անյատակ
թշուառութիւնը՝
արուեստի
սպասաւորին։
Ամէն
երկրի
մէջ
հեղգ
ու
պղերգ
յօրացում
քաղքենի
իմաստութեան,
ողջմտութեան,
դեղին
հաճոյքին։
Նոր
ու
հին
կուռքերու
նոյն
ամբաւահաճ
արձանացումը
ոսկիին
խռոտանիէն։
Նոյն
գաղափարագրական
հեգնութեամբ
համեմաջրուած
արհամարհանքն
ու
շնականութի՛ւնը,
պատմուճանուած
իր
ցեխակոյտին
մէջ
ու
անհունապէս
գոհ։
Որ,
պզտիկ
ժողովուրդներու
մէջ
կը
հասնի
անկարելի
աստիճանին
ու
կը
վարակէ
անոր
իմաստի
զգայարանքները
աննահանջ,
ուտիճ
բորի
մը
նման
ու
բացառաբար
հայ
ժողովուրդը
կ՚ընէ
աւելի
քան
զզուելի
իր
զաւակներուն
թէ
օտարներուն
առջեւ
(բայց
այս
մասին
աւելի
ուշ)։
Այս
քանի
մը
տողերը
անբաւական
են
իրերու
այս
վիճակին
ըստւերն
իսկ
ընդգրկելու։
1830ի
խորհրդապատկեր
բանաստեղծը
(Ա.
տը
Վինիէի
Չէթըրթընը),
մահուան
մխիթարանքն
ու
մեծավայելուչ
համը
կրնար
պահել
ամուր,
իր
երազին
կործանուած
ցանցին
մէջ։
Գ.
Անոնք՝
որ
քաղքենիին
տապալած
երկրէն
կու
գան
այսինքն
անոնք
`որ
աշխատանքի,
բանուորութեան
կայսրութենէն
կը
դառնան,
կը
պատմեն,
թէ
արուեստագէտը
մեռնիլ
անգամ
չի
կրնար
հոն,
վասնզի,
ատոր
համար,
այսինքն՝
մահը
տալու
կամ
առնելու
համար
ալ
մեծութի՜ւն
պէտք
է։
Ու
դժուար
է
հասկնալ,
թէ
ինչո՞ւ
հոն
ալ
իմաստը
գերին
կը
դառնայ
իր
իսկ
ձեռնասուններուն։
Ո՜վ
փոքրութեան,
փոքրոգութեան,
ճճի
մարդերուն
տիրակալութիւնը,
որ
աւելի
դժնդակ
կը
ճնշէ,
քան
դեղին
կուռքը։
Ահա
Նոր
Ցա՜ւը։
Ազգերու
արուեստին
մէջ
հետզհետէ
անիկա
ենթահողը
պիտի
կազմէ
նորոգ
կառուցումներու։
Ու
անոր
արտայայտութիւնը
հասկնալի
տուեալներով
կը
հեռանայ
ընթացիկ
երանգներէն,
իրացումներէն,
նոյնիսկ
այլազան,
սանձարձակ
այն
յօրինումներէն,
որոնք
այնքան
անուններ
համբաւի
տարին
սենպոլիստ
կածաններէն։
Ան
ալ
դժգոհութիւն
մըն
էր,
բայց
գիտէին
վեր
ու
դուրս։
Հիմա՞։
Մենք
կուշտ
ենք
կիսահեւ
ու
պչնագեղ
շողացումներէն,
որոնք
մեր
երեւակայութիւնը
հաշիշի
մը
պէս
կը
պատեն,
անջատելու
համար
զայն
իրականութեան
աղտերէն,
բայց
զայն
կը
ձգեն
աւելի
դիւրազգաց,
աւելի
մերկ
ու
աւելի
տխուր։
Կամ,
մենք
հիմա
չենք
գոհանար
միւս
պայմաններով,
այսինքն
երբ
կը
հաստատենք
արուեստի
գործին
մէջ
բառի,
ֆրազի
ողորկութիւն
ու
սղոցուած
ագուցում,
արհեստ,
ճաշակ
անունով
ներքինի
օրինագրքի
մը
պարտադրումները,
փափուկ
ու
եռանկիւնաչափուած
յուզումները,
ներդաշնակ
ու
շնորհագեղ
լաստակերտումը,
դասական
պայծառութիւնը
կամ
հակադիր
կիսանգունդէն
առաւելազանց
ռոմանթիզմը,
վերջապէս
բոլոր
այն
բաները,
որոնք
դարերով
յագուրդ
տուին
արուեստէն
մեր
պահանջներուն։
Մենք
ալ
իր
ճիշդ
չափին
կը
տանինք
յանուն
հրապարակէն
տարբերացման,
ինքնատպութեան
ձեռնարկուած
բոլոր
անսովորութիւնները,
դիւրին
ու
պոռոտ
հայհոյանքները,
որոնք
գռեհկութեան
գեղեցկութիւնը
միայն
կը
հետապնդեն,
վարկի
համար
հայթայթըւած
կիսատուերը,
որ
անցուցադրելի
յիմարութիւններու
փոսեր
կը
քողէ
յաճախ,
ու
այն
ամէնը,
զոր
բանին
անժառանգ
ու
թշուառ
բանուորները
փորձեցին
անցնող
դարու
վախճանին
(հեռու
ինձմէ
փղշտացի
յաճախանքը
(hantiseէն)
պարզութեան,
հասկնալիութեան,
որ
հանգանակ
է
հիմա
մեր
մէջ
եւ
մեր
գրականութեան
դէպի
տափակութիւն
նուիրուած
առաջնորդը։
Ամէն
մտածում
պարզ
է,
երբ
խոր
է։
Բառերը
թեփի
կամ
միսի
կը
նմանին
ու
կենդանիներն
ալ
կ՚որոճան
կամ
կը
բզկտեն)։
Մեր
փնտռածը
մարդկային
հոգիին
սա
հազիւ
ընդնշմարուած
մէկ
փոսիկէն
իսկ
լիովին
դեռ
չխորաչափուած,
անմատոյց
ու
անհաստատ
դժոխքն
է,
ուր
տեսնելու,
հասկնալու
իր
մոլուցքին
մէջ,
իր
քայլերը
փորձած
է
եւ
որուն
խաւարչուտ
պատերուն
իր
գլուխը
զարկած
ուղարկած
է
ժամանակակից
Տանթէն,
իր
մռայլ
բնազդներովը
քաշւելով
դէպի
ձգողութիւնը
քաոսին,
ու
իր
չղջիկի
թեւերովը
քիչ
մը
բան,
գացած
է
այդ
դժոխքին
ալքերէն,
մեծ
ու
անհաւասարելի
ռուսը,
Տոսթոեւսկին։
Մե՛ր
փնտռածը
այդ
մարզերու
գուշակներէն
այն
յախուռն
նաւորդն
է,
որ
առանց
ընդծովեայի
մը
գալարումին,
մեզի
տանէր
տակէն
այն
ջուրերուն,
որոնք
ներկուած
ու
խելօք
կը
պտտին
մեր
միսերուն
տակ
արիւն
անունով,
բայց
որոնց
ամէն
մէկ
մասնիկին
մէջ
աշխարհներուն
ամէնէն
հսկայ
առեղծուածը
անընդհատ
կը
շինուի
եւ
կը
փլի։
Ո՞ւր
է,
վերջապէս,
այն
արուեստը,
նո՜րը,
որ
պիտի
իշխէր
մտնել
բուն
անդունդէն
ներս,
անկէ
զոր
սովոր
ենք
կրթուած,
մշակուած
մարդու
հոգի
անուանել,
զոր
կեղծ
ու
ներկըւած
մշակոյթի
մը
գորգերը
կը
պատսպարեն
արեւէն,
ինչպէս
պիտի
ընէին
կոյանոցի
մը
համար,
պաշտպանուած
կանանչի,
նոյնիսկ
ծաղիկի
խաւով
մը։
Մեր
փնտռածը
մարդկային
հոգին
ինքն
իր
մէջ
բզիկ-բզիկ
ընող,
մեր
հասողութենէն
ազատ
ու
մեզ
հեգնող
թշուառական
կիրքերն
են
ու
ցանկութիւնները,
որոնք
մեր
ներսի
աշխարհը
կը
վերածեն
անտանելի
ճահիճի,
բայց
պատրանքովը
սիւնազարդ
տարածութեանց
խոյակներովը,
ու
սլացիկ
ցօղուններովը
մեր
փափաքներուն,
բայց
որոնց
ամէն
մէկուն
իրանն
ի
վեր
բիւրաւոր
նեարդներով
կապկպուած
մեր
եսը,
մեր
խեղճ,
անդարմանելիօրէն
խեղճ
եսը
կը
գալարւի,
կը
պրկուի,
կ՚երկարի,
ցից
խոյակներու
շաղապատումին,
ոլորուած
ու
զեռուն,
փրթիլ
չկրցող,
մեռնիլ
չունեցող
իր
թեւերովը։
Միջնադարեան
այս
պատիժը,
գործադրըւած
մեր
հոգիներուն
վրայ,
անշուշտ
պիտի
գտնէ
իր
Տանթէն։
Մինչեւ
այդ,
աշխարհի
բոլոր
կարեւոր
կեդրոններէն
(խեղճ
հայ
ժողովո՜ւրդ,
գրեթէ
մոռցած
է
իր
այնքան
հզօր,
ահաւոր,
անկարելի
դժոխքը,
որուն
մօտ
տժգոյն
բանի
մը
կը
վերածուին
երեւակայելի
բոլոր
սանդարամետները,
որուն
մօտեցած
ըլլալ
կարծեցինք
ուռած
պուկերով
ու
կտակներով։
Բառ
առ
բառ
փչեցինք
ու
հանգի՜ստ
կ՚առնենք
օդ
հարուածողի
մեր
մեծ
խոնջէնքէն),
փո՛րձը
այդ
ցաւը,
այդ
նուազումը
ընդգրկելու։
Փորձ
միայն,
վասնզի
ճիգին
անսովոր
մեծութիւնը
կ՚ընկճէ
արդէն
սոկրաթիք
արուեստագէտը,
զոր
կը
զառածեն
արմատացած
ունակութիւններ,
անցեալէն
ու
իւրացուած
մշակոյթէն։
Թերեւս
փոթորիկը
ինքը
բերէ
իր
մարդերը,
թէեւ
տասը
տարիէն
ասդին
պատահարը
ժլատ
եղաւ
մարդերով,
այսինքն
արուեստի
մարդերով։
Առայժմ
պարտաւոր
ենք
գոհանալու
տրուածով։
Ու
տրուա՜ծը։
Անհաւասար,
փափուկ
(դիւրաբեկ
ըսել
կ՚ուզեմ)
դժուարամատոյց
գեղեցկութիւն
մը
(ինծի
անծանօթ
է
Հիւսիսինը
ու
տրուած
չէ
իրաւունք
մերիններուն
ոչնչութենէն
դատումի
անցնելու),
ոչ
արձակ,
առատ,
հոլանի,
բայց
ոչ
ալ
ներկուած։
Պզտիկ,
բայց
իրական։
Զոր
կ՚ուրանան
փղշտացի
լայնաբերան
քուրմերը,
անոնք
որ
իրենց
ծնրադրութեանց
սողոսկուն
ձանձրոյթէն
իրենք
իսկ
պժգացած,
երբեմն
կռնակ
կը
փորձեն,
այսինքն
թօթուել,
յիշելով
գուցէ
իրենց
ալ
մաշուած
բնազդներուն
հեռաւոր,
խուլ,
ճճի
դղրդիւնը
ու,
բան
մը
ըրած
ըլլալու
համար,
կը
հայհոյեն։
Կը
մեղադրուի
անիկա
անտարազ,
խառնակ
ըլլալուն։
Զինանշանը
(écusson),
մկրտութեան
ու
բարւոք
կենցաղի
վկայականէ
զուրկ
ըլլալուն։
Զայն
կ՚ուզեն
ջախջախել
հաստ
ու
հաստատ
յեղատախտակներուն
անկորուստ
ու
երկաթ
փառքին
տակ։
Վէ՞պ։
Չէ
անշուշտ
այս
ճի՛գը
փո՛րձը
տարուած
ու
կատար
ածուած
Պալզաքեան
ճարտարապետութեան
սկզբունքներով,
որ
ամբողջովին
կը
սնանի
ներկային
վրայ,
եւ
որուն
ատաղձը
կը
ճարէ
ճարտարապետը
ծանօթ
գօտիէն,
անտառէն,
այսինքն
իր
շրջանին
ընկերութենէն։
Չէ
դարձեալ
բնապաշտ
(naturaliste)
վարդապետութեան
կողմէ
բանաձեւուած
հանգանակին
ենթակայ,
կամ
թերթօնական
ստորոգումներով,
որոնք
երկու
սերունդի
բանապաշտ
երեւակայապաշտ
ախորժակներուն
գոհացում
տուին։
Դ.
Ռոմանթիքներու
այնքան
տարփողած
ու
միամիտ
մեծխօսիկութեամբ
մը
գործադրուած
խառնո՞ւրդը
(mélanges),
ուր
արուեստի
նիհար
զգայութիւններ
կը
վարշամակուէին
իմացական
խայտաճամուկ,
բայց
սնամէջ
տարազներու
եւ
որոնք
այնքան
անկարելի
կը
թուին
մեզի
ու
ծիծաղելի
կը
ձգեն
իրենց
հեղինակները,
այլապէս
մեծ,
ու
նոյնիսկ
երբեմն
շատ
մեծ
ուրիշ
երեսներով։
Ո՜վ
լրջութիւնն
ու
խորութիւնը
«Քրոմվելի»
(Վ.
Հիւկօ)
յառաջաբանին։
Ու
պրկուած
ու
բարբարոս
«Սթելլօ»ն
(Ա.
Վինիի),
ուր
մտածումը
իբր
յատակ
կը
ստիպուի
նեղուիլ՝
մարմին
հագնելու
համար։
Այսօր
կը
տխրինք,
որ
այսքան
քիչ
մտածել
գիտնան
այսքան
խոր
ու
նոր
տեսողներ,
երբեք
հռետորական
ու
սանթիմանթալ,
արդի
վերլուծումը
պարկեշտ
է,
եւ
հարազատ։
Անիկա
կրնայ
մոլորիլ
դէպի
մշուշին
կայանները,
բայց
միշտ
բանի
մը
կռնակին,
ուրկէ
չի
զատուիր։
Անիկա
անպատճառ
կը
մեկնի
վաւերական
զգայութենէն,
գրեթէ
միշտ
արտաքին,
որ
հում
է,
ցաւոտ,
երբեմն
ալ
հեշտագին,
բայց
մանաւանդ
իրական
(ո՞վ
չի
գիտեր
սուտ
քերթողներուն
սուտ
զգայութիւնները
մեր
իսկ
քնարերգութեան
մէջ)
ու
զայն
խնամքով
կը
խանձարուրէ
իմաստի
համարժէք
պատմուճանին
մէջ,
ճիշդ
ինչպէս
տրուած
է
մեզի
տեսնել
նոյն
իրողութիւնը
հիներուն
մօտ,
երբ
մարմարէն
կը
ձեւեն
միսն
ու
զգեստը,
այնպէս
մը
սակայն,
որ
իրարու
վրայ
չդրուին,
չաւելնան,
այլ
երկուքին
մէջէն
ըլլան,
մընան
մէկ։
Դժուար
է
անշուշտ
յաւակնիլ
ու
գտած
ըլլալ
հաստատ
օրէնքներ,
քանի
որ
նոր
կառուցումին
համար,
անաղարտ
ու
հաւատարիմ
խմորին
տեղ,
որ
մարմարն
է,
արուեստագէտը
առ
այժմ
իր
ձեռքին
տակ
տրամադրելի
ունի
բառերուն
կտուր
միայն`
այնքան
անկշիռ,
հասարակ
ու
անհաւատարիմ։
1933
[Ծանօթութիւններ]
(1)
Ազգերու
գրականութիւն
յղացքը
փափաքելի
է,
որ
քիչ-քիչ
ելլէ
դուրս
մատենադարան
ու
քննադատութիւն
թելադրող
իր
ոլորտէն։
Ինծի
համար
ան
կը
ներկայանայ
աւելի
պարկեշտ,
տարողութեամբ
աւելի
ծաւալուն,
քան
ազգերու
ընկերակցութիւն
տիտղոսուած
խոռոչաւոր
իրողութիւնը,
որ
մանրանկարի
համեմատութիւններու
իջեցուցած
է
իր
կազմակերպած
ցանցը,
դիւանի
սովորութիւնները,
բարքերը,
պաշտօնեաները,
արքունիքներու
դժխեմ
ու
անխլիրտ
ծածկագրութիւնները,
բայց
ահաւոր
հարազատութեամբ
կը
խորհրդանշէ
տիրող
կարգերուն
անգթութիւնը։
Անսրբագրելի
յիմարութի՜ւնը
մարդերուն,
որոնք
պանիրի
տիկին
խաղաղութեան
ու
արդարութե՜ան
պաշտպանումը
կը
յանձնեն…
կատուներուն։
Կը
սպասենք
ու
կը
հաւատանք
օրին,
երբ
այդ
անխիղճ
արարածներուն
փոխարէն,
ազգերու
վաւերական
խղճմտանքները
քով
քովի
պիտի
փնջուին,
իրենց
հզօրագոյն
իմացականութեանց,
հզօրագոյն
սիրտերուն
էապէս
պատկառելի
արիսպագոսին
մէջ։
Ազգերու
կաճա՜ռ
մը,
որ
իմաստին
ու
զգացումին
գերագահութիւնը
փնտռէր
ու
գտնէր,
ժողովուրդէ
ժողովուրդ
ու
հոգիները
կապէր
գեղեցկութեան
ոստայնի
մը
մէջ,
ու
խնայէր,
մանաւանդ
մեզի՝
նորառոյգ
կեղծիքը,
զոր
պաշտօնական
ընծայելէ
դուրս՝
կարծես
ուրիշ
առաքինութիւն
չունին
հոգիի
բեկորէն
իսկ
զրկուած
հաւաքածոները
սա
դիւանագէտներուն։
(2)
Այս
զանազանումը
կը
դիտուի
ամէնէն
շատ
վէպին
մէջ,
որ
Մարսէլ
Փրուսթով
արդէն
խախտուած
էր
գրեթէ
ամրապինդ
միջազգային
իր
կաղապարումէն։
Ճիշդ
դարու
մը
տեւողութեան
վրայ,
իր
բազմազան
տեսակներովը,
վէպը
գրեթէ
միս-մինակը
կը
գրաւէ
արուեստի
մարզերէն
լաւագոյն
տարածութիւններ։
Ան
իր
կարգ
մը
յատկութիւններով
բացառիկ
ընտրութիւն
մը
կը
հաստատէր
գրողին
ու
ամբոխին
միջեւ,
ուրկէ
օգտուողները
եղան
քաղքենի
զանգըւածները,
անոնք՝
որ
տրամադրելի
ժամանակ
ունին,
բայց
ոչ
սեփական
խելք,
երբեմն
սիրտ՝
եւ
կը
խաղան
ուրիշներուն
երազին
հետ։
Այս
ուղղութեամբ՝
վէպը
մտքի
առուտուրի
մեծագոյն
շուկան
է։
Այսպէս
պիտի
դատեն
զայն
հաւանաբար,
կէս
դար
մը
վերջ,
երբ
գիրքին
անհամեմատ
աճումը
խղդէ
գրողները,
ամէն
դպրոցականէն
ստեղծելով
վէպ
մը
ու
երբ
ապրիլը
արդի
ձեւէն
տարբեր
տարազի
մը
մտնէ։
Վէպին
ու
քաղքենիին
մէջ
աղերսը
այնքան
զօրաւոր
է,
որքան
չէ
ֆրանսական
թատրոնին
ու
պալատական
ազնուականներու
միջեւ
դիտուածը
(ԺԷ.
դար)։
Առայժմ,
անիկա
կոկիկ,
սահմանները
ճշդուած,
երեքէն-չորս
հարիւրի
չափ
էջերու
վրայ
բաշխուած
դեղին
կողքով
պատմումը
չէ,
ուր
գրագէտը
(հետզհետէ
վիպասան
յղացքը
կը
տարտամի
ու
կ՚ընկղմի
գրագէտ
ըմբռնումին
մէջ)
որոշ
տուրքերու
անտեսումով
ու
որոշ
օրէնքներու
ենթարկուելով,
կու
տար
յաճախ
ինչ
որ
կը
պահանջէր
կիներուն
անզբաղ
ցերեկը
կամ
ընչազուրկին
անյագուրդ
ու
կրակուած
երեւակայութիւնը,
գտնելու
համար
կեանքէն
զլացուածը՝
թուղթէն։
Հիմակուանը՝
կաղապարը
շատ
աւելի
ազատ,
առանց
օրէնքի
ու
առանց
ճարտարապետութեան
յօրինում
մըն
է,
ուր
կու
գան
աւազանուուելու
ու
ընթացիկ
յղացքէն
գրեթէ
հիմնովին
օտար
տարրեր։
Երանի՜
այն
օրերուն,
երբ
մարդիկ
վէպերու
հերոսները
կը
սիրէին,
անոնց
կեանքին
մէջ
մտցուած
իրադարձութեանց
գինով
ու
մեծածաւալ
հատորներ
կը
մարսէին
ռոմանթիք
դպրոցէն։
Ի՞նչ
պիտի
ըսէր
անանձն,
վաւերատիպ,
ու
անշեղ
վիպումին
վարպետը՝
Կիւսթաւ
Ֆլօպէռ,
երբ
երկու
լաւ
նոթուած
զգայնութեան
քով,
որոնց
ճակատագիրն
է
սպառիլ
շատշատ
երկու
տողի
վրայ,
կարդար
արդի
վէպին
երկու
էջ
մտածումները,
տարտամ
ու
հազիւ
խոստովանելի
աղերսով
մը՝
նոյն
այդ
զգայնութեանց
հետ,
բայց
այնքան
իրաւ,
թանկ
ու
նոր,
որ
մարդ
կը
մոռնայ
պատմումը
ու
կը
տարուի
անոնցմով։
Ու
քիչ
աւելի
հեռանալով,
որքան
խոր
ու
անկարելի
պիտի
տեսնէինք
անջրպետը,
որ
կը
բաժնէ
Տափնէ
եւ
Քլէոն
-
հելլէնական
այդ
հնագոյն
վիպումը
մեր
օրերու
ժիրոտուական
մէկ
զրոյցէն։
Վէպը
խոշոր
չափով
կրած
է
ազդեցութիւնը
այս
հեռացումին։
Բայց
ներկայ
զանազանումը
աւելի
վճռական
եւ
ուշագրաւ
կը
դառնայ
մանաւանդ՝
իմացապաշտ
խորքով
այն
կառոյցներուն
մէջ,
որոնք
առաւելապէս
կը
յատկանշեն
մեր
ժամանակը։
Անշուշտ,
ասոնք
ալ
վէպ
որակելի
են,
վասնզի
փոխ
առնուած
դէմքեր
եւ
իրազանցուած
գործողութիւն
մը
ողնասիւնը
կը
շինեն։
Անոնց
մէջ
է
սակայն,
որ
անձնական,
մանր,
բայց
խորքի
կրկնակ
ծաւալով
(dimension)
ապրումները
(այսինքն՝
բոլոր
տուրքը
մեր
զգայարանքներուն,
աւելի
այս
գումարին
անդրադարձը,
աւելի
ինչ
որ
կը
հանենք,
կը
թորենք
մենք
մեր
եսին
ամէնէն
հեռաւոր
ակունքներէն
-երազ
թէ
մաղձ,
սէր
թէ
թոյն
զետեղելի
են
պատկերին
տակ-)
կը
հանգուցուին,
գիրքերուն
տարազովը
կը
շաղապատուին
իմաստին
ու
մտանկարին
նմանատիպ
թաւիշին
ծոցը,
նմանատիպ
նկարէնութեամբ
ու
դիւրաբեկ
նրբութեամբ։
Այս
վէպը
կ՚օգտագործէ
անհուն
ու
գրեթէ
անորակելի
այն
զգայնութիւնները,
որոնք
խրամներուն
ցեխէն
ու
մեռելներուն
իւղէն,
հեղուկ
կրակէն
ու
թունաւոր
օդէն,
կարճ
խօսքով՝
մարդկային
միսին
ցուցադրել
կրցած
բոլոր
շարաւանքէն
ու
հոգիին
հանդուրժելիք
բոլոր
անասնացումէն
զարգացան
կռուողէն
ներս։
Տասնամեակ
մը
գրեթէ։
Ու
միայն
Ֆրանսայի
մէջ
երկու
հարիւրը
կ՚անցնի
թիւը
այն
գիրքերուն,
որոնք
պատմած
են
-բայց
ինչ
նոր
ու
սարսռուն
թեքնիքովմեր
օրերու
աշխարհաշարժը,
բայց
պատմած
բացարձակապէս
իրենց
անձնական
փորձառութիւնը,
անկիւնային,
փոքր,
խեղճ
կեցուածքէ
մը,
բացառաբար
այն
զգայարանքներով,
որոնք
իրենց
ընկալուչ
ջիղերը,
բողկուկները
կրնային
տարածել
միայն
իրենց
հասողութեան
սահմանները
մինչեւ։
Այս
հատուածական,
փշրուն
փաստերով
է,
որ
կազմուած
է
համապատկերը,
բիւրաւոր
զանակներու
իրերադրումէն
ծնունդ
առած,
բոլորն
ալ
ուղղակի
շփումի
արդիւնք։
Այս
անմիջական,
այսինքն՝
առանց
միջնորդի
շփումն
է,
որ
ազատած
է
յաճախ
անոնց
պատմումը՝
գրականութիւն
ըլլալէ,
հակառակ
անոր,
որ
մեծագոյն
տոկոսը
ասպարէզով
գրագէտի
գործեր
են,
եւ
վերածած
է
զանոնք
գրեթէ
ֆիզիքական
զգայնութեանց
հանդէսի
մը
(պէտք
չէ
մոռնալ,
որ
ընթացիկ
գեղեցկագիտութիւնը
ի՛նչ
մեծ
կարեւորութիւն
կու
տայ
հեռանկարին,
ժամանակին
մէջ
ընկրկումին
ու՝
հակասելու
համար
նոր
տարազը՝
իրականութեան
սրբագրում-այլագունումին),
այնքան
դուրս՝
մեր
վարժութիւններէն,
մեզի
սիրելի
կաղապարներէն։
Նմոյշ
մըՊարպիւսի
Clartéն։
Փոքրութիւնը
այս
դիրքի
շրջանակին,
բոլոր
անոնց
համար,
որ
պատերազմի
նուիրուած
հատորէ
մը
հերոսապատում
բախումներ
ու
ընդարձակ
նկարագրումներ
վարժուած
են
սպասելու։
Բայց
հարցուցէք
դուք
ձեզի,
ուրիշ
ի՞նչ
պիտի
կարենար
ընել
որեւէ
պարկեշտ
մարդ,
որ
ուրիշ
բան
չէ
ռազմադաշտին
վրայու
ի՞նչ
ռազմադաշտ,
եթէ
ոչ
անկշիռ
թիւ
մը,
անուն
մը,
գիր
մը,
բայց
գիրքը
կը
փրկէ
ինքզինքը
դասական
տարիքէն
դուրս
առաքինութիւններով։
(3)
Ի
զո՜ւր
է
փղշտացիներուն
վայնասունը
այս
գործերուն
հերետիկոս
գայթակղութեան
դէմ։
Բոլոր
անկատարութիւններուն
կը
մնան
գերազանցապէս
թանկ
իբր
մարդեր,
որոնք
կորսուելու
վրայ
աշխարհէ
մը
վաւերական
վերցուցին
ու
ազատեցին։
Ի՛նչ
սուտ
կը
հնչեն
մեզի։
Ովիտիոսի
դարերով
նկատուեցան
կիրթ
ճաշակին
ու
նուրբ
արուեստին
իբր
փողարները։
Թող
առանց
կեղծիքի
կարդալ
փորձեն
Եէնէականը,
ու
արտայայտուին
անոնք,
որ
դասական
մշակոյթին
տարփողը
կ՚ընեն։
Անկումի
գրագէտներուն
երեսին
նետուած
անկապաշտ
մակդիրը
զուր
չէ,
որ
կրկնուեցաւ
նոր
ժամանակներու
մուտքին։
(4)
Մեր
մէջ
այդ
տրամադրութիւնը
վիպասանին
անունին
հանեց
միջակ,
երբեմն
անկէ
ալ
վար
մարդեր։
(5)
Երկար
դարեր,
զինուորական,
չըսելու
համար
ճակատամարտի
գրականութիւն
մը
հաճելի,
օգտակար
դասական
մարզանք
մը
նկատուեցաւ,
շատ
մը
ձգտումներով
բեռնաւոր,
զոր
կը
կատարէին
սենեակի
ասպետները,
ընդհանրապէս
պատուաւոր
քաղաքացիներ,
ծերակուտականներ,
եպիսկոպոսներ
կամ
գիրքի
գործաւորներ,
իրենց
տիւաններուն
հանգստաւէտ
մանրանկարէն
բարձրանալով
ռազմադաշտի,
բախումի,
յաղթութեան
կամ
պարտութեան
պատկերումին։
Այս
մարզանքը
կու
գային
նուիրականացնելու
կրօնական,
բարոյախօսական,
հայրենասիրական
պոստիւլատներ։
Պատմումին
(narration)
տխրութիւնն
ու
սահքը,
յստակութիւնն
ու
շրջագծումը
հաւատարիմ
էին
քերթողական
օրինագիրքին
յօդուածներուն
ու
ալ
ապազգայ
ուրիշ
բաներու,
վասընզի
չէին
անդրադառնար
հիմնական,
սկզբնական
մեղքին,
որ
սուտն
էր։
Ռոմանթիքները
գոյնի
զգայութիւններ
միայն
յաջողեցան
աւելցնել
վարժութեան
վրայ
ու
չմտաբերեցին
նեղուիլ
սուտէն,
որ
չէին
զգար
նոյնքան
պարկեշտ
այլուրութեամբ
մը
(Հիւկոյի
կողմէ
երեւակայուած
Վաթերլոյի
ճակատամարտը
("Les
misérables")
իր
լայնքովն
ու
գոյնովը
միայն
կը
տարբերի
Վոլթէրի
երեւակայած
ուրիշ
ճակատամարտներէն։
Թիէ՞սը։
Զայն
կը
ձգեմ
վայելումին
անոնց,
որոնք
կը
պատրաստուին
դիւանագէտ
կամ
մեր
մէջ
հրապարակագիր
դառնալու։
Մեծ
է
Սթանտալը,
վասնզի
առաջին
անգամ
ինք
զգացած
է
պէտքը
անկեղծութեան
ու
պատմած
նոյն
այդ
ճակատամարտները
մղուած
կայսեր
կողմէ,
("La
Chartreuse
de
Parme")
գրեթէ
նոյն
հատուածական
մանր
տեսարանումով,
որ
յատկանիշն
է
ներկայ
պատմումին
եւ
ուր,
իրական
մնալու
համար,
մարդ
ստիպւած
է
մասնաւորուելու։
Բայց
բոլոր
այդ
հիներէն
ու
մերձաւորներէն
վրիպած
է
պատերազմի
մոմենտը
(moment)։
Վրիպած
է,
վասնզի
պատերազմը
փոխած
է
գուցէ
իր
նկարագիրը,
ելլելով
դաշտերէն,
մխրճուելու
համար
հողին
ընդերքը
կամ
թրթռալու
համար
վերերը
օդին։
Չկայ
անիկա,
ինչպէս
չէր
առաջ,
մեր
դէմ,
ճակատ
ճակատի
(արդէն
բառը
պերճախօս
է
ինքնին)։
Սուր
ու
բազուկ,
գանկ
ու
լանջք
չի
գործածեր
ան
ու
կ՚ախորժի
մա՛նաւանդ
ուրիշ
զրահանքէ։
Յետոյ,
պէտք
չէ
մոռնալ,
որ
հիներուն
մօտ
պատմողին
շահագրգռութիւնը
գրաւուած
է
գործէն
աւելի՝
որ
անկշիռ
է
բոլորովին,
անանուն
ու
անձեւ,
անկէ
փառք
հատանող
զօրավարներուն
շքահանդէսովը։
Հակառակն
է,
որ
կը
դիտուի
հիմա։
Պատերազմի
նոր
գիրքին
մէջ
զօրավարին
դէմքը
տժգոյն
է
եւ
դժբախտ։
Զայն
կ՚ատեն
գրեթէ
իր
զգեստներուն,
ուսնոցներուն
շարլաթան
ոսկիին
ու
ծոծրակին
եւ
փորին
պարարտ
պարոյրին
համար,
կ՚ատեն
մա՛նաւանդ
չունեցած
խելքին
ու
մաշած
սրտին
համար։
Վկայ
բոլոր
զինուորներու
յիշատակները,
որոնք
իրենց
ծուարած
անկիւնէն
կ՚անգիտանան
զայն
գրեթէ,
բայց
ծայրայեղ
զգայնութեամբ
մը
կը
նոթեն
իրենց
փոքրագոյն
տպաւորութիւնները,
կը
զգան
տրամը
իր
երբեմն
յիմար,
երբեմն
ահաւոր
անկարելիութեան
եւ
այդ
զգացումները
կը
փոխանցեն
կարդացողին։
Զօրավարներու
յիշատակները
չունին
այս
տրամաթիք
մարդկային
շեշտը։
Գերման
սպարապետին,
Լուսընտորֆի
յիշատակները
չոր
ու
անհաղորդ
թուարկումներու
կը
նմանին
ու
վերացեալ
շարժումի
մը
անգայտացած
անդրադարձը
կու
տան
մեզի։
Մարդ
կը
զարմանայ
ջիղերու
անդարմանելի
պակասէն,
միլիոններու
կեանքը,
անոնց
խոնարհագոյն
պէտքերն
իսկ
տեսնող,
կառավարող,
յանձանձող
ուղեղացումին
քով։
Շահեկանութեան
կեդրոնի
այս
փոփոխութիւնն
է,
որ
անդրադարձած
է
գիրքերուն
վրայ
ու
փոխած
անոնց
տարողութիւնը։
Գրագէտը
ամէնէն
ուշ
ու
քիչ
փնտռուածը
պիտի
ըլլար
այս
դրուագումներուն
համար։
Միլիոններու
հոգին
բերելու
պէս
իր
ափին
մէջ
առած,
մարդը
չէ
տեսած
ինչ
որ
խրամի
մը
կամ
ռմբածակի
մը
մէկ
խոռոչին
մէջ
ապրած
է
ան
միւսը։
Այս
է
պատճառը,
որ
անհուն
որ
կսկծագին
անդոհով
մը
կ՚իյնանք
նոր
պատմումին
վրայ,
ուր
առաջին
գիծին
կու
գայ
թշուառական
էակ
մը,
փրցուած
իր
բոլոր
պատեաններէն
ու
մորթովը
միայն
հովանաւոր,
խլուած
մտքին
բոլոր
վարշամակներէն։
Որ
նոր
է
առնուած
աշխարհի
ամենաքաղցր
համեմներուն
ծոցէն
ու,
մուկ
բռնելու
սահմանուած
խայծի
մը
նման,
տրուած
վարսուած
մահուան
բիւրաւոր
սլաքներուն
դէմ,
ու
ասիկա
ոչ
թէ
օրով,
շաբաթով
կամ
շատ-շատ
ինչպէս
էր
հիներուն
մօտ
ամիսով,
այլ
տարիներով։
Անվերջ
կախաղանում
մը,
ուր
քեզի
ձգուած
է
դառնագոյն
հեգնութիւնը
մշտապէս
ծեծուելու
քեզ
կազմող,
քեզմէ
անբաժան,
միտիրաւ
զգայնութիւններուդ
ասեղէն։
Պիտի
խորհիս
կեանքիդ
վրայ,
որուն
ամբողջ
արժէքը
մինակդ
ես
գնահատելու։
Որ
ուրիշներուն
համարքեզի
պէսներթուղթի
կտորիկ
մըն
է,
անուն
մը,
կապուած,
երիզուա՜ծ
կուրծքեր
ու
մշտապէս
հակակշռուած
մահուան
դպիրներէն։
Պիտի
այցուիս
անցեալէդ,
որ
կը
մեծնայ
դէմդ,
կը
գրաւէ
մահուան
պարասրահը
ու
քեզ
կը
կապէ
քենէ
հեռու,
բայց
եղերապէս
քաղցր
բաներու։
Ու
պիտի
հսկես։
Պիտի
սպաննես,
երբ
այնքան
բարակ
է
սիրտդ՝
արիւնի
տեսքն
իսկ
չհանդուրժելու
չափ։
Ու
պիտի
ըլլան
հող
ու
արտ։
Ոճիր
ու
պղծութիւն։
Փոր
ու
երազ։
Ամէն
րոպէ
մարդ,
գազան,
դիակ։
Ա՛լ
ձեզի
կը
ձգեմ
այս
խոշոր
խռովքներէն
դուրս
օրերուն,
ժամանակին
ահաւոր
ժանգը։
Ա՛ն
որ
կը
սպառեն,
բայց
չի
հասնիր,
որ
ցուրտն
է,
կրակն
է,
անձրեւն
է,
յուսաբեկումը
ու
հոգիին
սարդացումը,
եւ
որուն
մէջ
Պօտլէրի
spleenը
հարսներգ
կը
թուի։
Ահա
ողբերգութիւնը։
Անոնք
որ
ողջ
ելան
այս
դժոխքէն,
արդար
էր,
որ
առակին
Ղազարոսին
նման
ժպտիլ
չկարենային,
մնային
անհասկնալի
երկրի
մարդերուն,
մա՛նաւանդ
մօտիկ
շրջապատին։
Ու
չհասկնային։
Այս
հակադրութիւնը
ցոյց
կու
տայ
լուծման
բանալին։
Նոր
տագնապը
այս
մարդոց
հոգիին
պարիսպէն
ու
միւսներուն,
այսինքն
պատերազմ
դիտողներուն
հոգեկան
ճախճախուտքէն
կը
բխի։
*
Ընթերցումի
եւ
թեքնիքի
դիւրութեան
համար
թուագրուած
ծանօթութիւնները
կը
տրուին
գրութեան
վերջաւորութեան։