Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ՀԻՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ

ԵՐԲ ՀԻՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ
ՊԱՏԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

թէ երբեք ստոյգ է վարկածը, որուն համեմատ ժողովուրդի մը դիմագիծը կնիքին տակն է իր պատմութեան հոլովոյթին, պատմութիւնն ալ` տրուած մարդու մը հոս բառը կը տաղաւարէ մօտաւորապէս կէս դար երկարող գործունէութիւն մը ամէն անհատի, քսակէն սկսած տիրական հոգեյատակը կը յօրինէ։ Տարածելով մեր օրերու բախտաւոր տարազը անգիտակիցը - դէպի մանկութիւն, մենք դժուարութիւն չենք զգար մեծ գործունէութիւններու իբր ենթահող ընդունիլ մանաւանդ այն բախտորոշ շրջանը, երբ մեծ բջիջը, մա՛րդը, ելած բուսական կենցաղի անորակելի գօտիէն, ինքզինքը կը լարէ իր ապագային։ Մինչեւ քսա՜ն։ Անշուշտ։

Հարցուցէք հարցումը այն տղուն համար, որ Տարօնի հեքիաթունակ բարձրունքներուն վրայ իրեն դնդերները ու հոգիին բջիջները կը ճարէ, վայրագ կամ քաղցր, խոր կամ ծաւալուն յուզումներու իրերամարտ հոսանքներուն ընդմէջէն, երբ դաշտերուն մէջ բանակները կը փշրուին ու երկու քաղաքակրթութիւններ իրար կը բզկտեն մեր ժողովրդի ընտրանիին խորը։ Հարցուցէք հարցումը բոլոր մեր պատանիներուն, այսօրուան մեր յոգնաթափ սերունդը հազիւ կրնայ մոռնալ, թէ ի՜նչ դժնդակ կաթ ծծեց իր հոգին բռնապետութեան օրերուն ու  դուք գտէք պատասխանը։

Պէտք է պատանի Սահակը փոխադրել Կեսարիա։

Դ. Դարու մեծ ոստանը։ Որուն ա՛լ հեռացած, բայց յամառող սա ոգեկոչումին չեմ գիտեր ինչու, առանց ուզելուս, կը խառնուին արդիական զգայնութիւններ ալ, Դէմքերէ, հոգեբանութիւններէ, նորագոյն մեր շրջանին այնքան արտակարգ կենդանութեամբ մը պսակաւոր։

Բառի, շունչի, հոգեկան եռանդի, մտաւոր ուժի ի՜նչ մեծ մթերք է նետուած տասնիններորդ դարու մեր գործունէութեան մարզերուն վրայ բոլոր անոնց մէջ, որոնք հաւաքական կեանքի մեր բազմազան արտայայտութեանց իրենց սպասը բերին։ Նոր մեր մշակոյթին հանդէպ, այդ քաղաքէն ծնունդ առած մարդոց լայն ու գեղեցիկ բացութիւնը հաճոյք մըն է հոս արձանագրել։ Խօսող, գործող, նուիրող ու ներշնչող մարդոց որքան մեծ թիւ մը, որ այդ քաղաքին շնորհն եղաւ նորագոյն մեր պատմութեան։ Առանց անոնց տասնիններորդ դարու մեր Պոլիսը դժուար կ՚ըմբռնուի։ …Բայց պէտք է դառնալ Դ. Դարու Կեսարիային։ Ուրկէ սնունդ են առած քրիստոնեայ առաջաւոր մշակոյթին մեծ վաստակաւորները, տիրական ու հզօր գեղեցկութեամբ հայրերը ընդհանրական Եկեղեցիին Հիւսացի, Նազիանզացի, Բարսեղ եւ ուրիշներ, անկորուստ ու շքեղ փառքերը մեծ եւ մի Քրիստոնէութեան, առաքելական շրջաններու այնքան մօտիկ reliefով ու խորհուրդով։ Հայրապետը հինցած բառ մը չէ, որ գիրքերու մէջ իմաստ ունենար։ Անիկա կաղապար մըն է, որ կարգ մը մարդոց անունին լուսապսակը կը կազմէ։ Ու հաւատարիմ կը մնայ, այնքան հեռուներէն, այն հոգեբանութեան, որ մինչեւ մեր օրերը յատկանիշը կազմեց Արգէոսէն մեզի հասած մտայնութեան, իրական, հաստատ, փրակմատիստ ըմբռնում մը ԵՐԿՐԷՆ ՈՒ ԵՐԿԻՆՔԷՆ։ Քիչ տեղ, մեր օրերուն, Լուսաւորչի հաւատքը եղած է այնքան պերճ, խոր, վճռական, որքան հոդ։

Անցեալին ինչպէս մեզի աւելի մօտ շրջաններու, այդ քաղաքին մարդերը տոգորուած էին տարբեր տուրքերով, ունէին հաւատքը հիմնականին, գործողութեան բնազդը, իմաստի, ձեւի, լեզուական ջերմութեան յորդ բուխքը, տարրեր, որոնք չորրորդ դարուն իսկ հաստատելի են Բարսեղին ու Նազիանզացիի գրականութեան ալ մէջը։

Արուեստը, ըսել կ՚ուզեմ` ասոր զաղփաղփուն կամ թրանսանտանթալ ելոյթները, հիւանդագին ըսուելու չափ խորացուած սուզումները . Օգոստինոս, Տէրտուղիանոս) այս մարդոց մօտ տարուած են երկրորդ փլանի։ Կը գրեն, բոլորէն աւելի, ծառայած ըլլալու համար ժողովուրդներու բարիքին, փրկութեան։ Սահակ Պարթեւի հայրապետական գործունէութիւնը հարազատ ցոլացումներ կը վերբերէ  սա օգտապաշտ, ժողովրդանուէր բազմեռանդ ու զոհաբերուող հոգեբանութենէն։ Աւելի՜ն ալ։ Կեսարիա՜ն, այսինքն՝ ճակատագրական քաղաքը, ուր կ՚ընդքարշէ զինքը թերեւս մռայլ առհաւութիւն մը, իր պապերուն արեան փապուղիներէն։ Թերեւս համեստուկ այն սենեակը, որուն մէջ անոր մայրը, Ներսէսին վիպային մանկամարդ մահացեալ կինը, կաթը տուեր էր իր մանչուն ու հոգին` Աստուծոյ։

Որքան ընդարձակ է քաղաքի մը կնիքը մեր վրայ։

Գիրքերը կը լռեն պատանի Սահակին տարիքէն։ Կը լռեն նիւթն ալ անոր ուսումին, զոր դժուար չէ վերակազմել պատմութեան նպաստովը։ Բայց ինծի կու գայ, թէ շատ ու շատ բաներու հետ, ու թերեւս ասոնցմէ առաջ, անիկա սորվեցաւ մանաւանդ անխորտակելի պաշտամունքը իր հայրենիքին։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի մեր հայրապետներէն ոչ ոքի մօտ սա զգացումը գտած է աղեխարշ այն գեղեցկութիւնը, որով զգեստաւոր է իր ցաւը, իր ժողովուրդին թերութիւններէն, անկումներէն, բայց անլքելի հարազատութենէն։ Ու մեր մէջ, օտարութիւնը, պանդխտանալը գերազանց դպրոցներ  են  այդ սիրոյն։

Այսօր իսկ աչքի առջեւ ունիմ տղաք, որոնք իրենց դասերուն մէջէն, ետեւէն, վրայէն, առանց անդրադարձի, սորված կ՚ըլլան սիրել իրենց տկար, դժբախտ, «ուխտացեալ գառն» ժողովուրդը, շարժուն մեր հայրենիքը։

Ու բնական է խորհել, որ Սահակ Պարթեւի պատանութիւնը, այդ քաղաքին մէջ, մեծ ընկալչութեամբ մը պիտի յագենայ եկեղեցիի մեծ հայրերուն շքեղ, հզօրապէս հաղորդական, առաքելաշունչ շնորհներէն, մտածման ու արտայայտութեան արագ ու պերճ այն արձակութենէն, որով անիկա եզակի մնաց մեր կաթողիկոսներու տարեգրութեանց մէջ։ Ան` որ, քառասուն տարի վերջը, արքայից արքային «ակմբահոյլ» տիւանին առջեւ պիտի չվախնայ ինքզինքը արտայայտելէ, ու ասիկա` փարթամ յուզումով, արդար ու փաղաղիչ հուրքովը տառապած հովուապետի, նեղելով ինքզինքը, ունկնդիրները ողողելով, կայծակնաճաճանչեցուցեալ, ինչպէս արձանագրուած է այդ վիճակը ատենաբանին, մեր պատմիչներէն։ Ան, պատանի՝ պէտք է լսած, խմած ըլլայ հոգին այն հայրերուն, որոնք այդ դարուն, Բիւզանդիոնի մէջ թագուհիներ ու կեսարներ կը կարկէին, բարբառի նոյն զայրագնումով։

Ուսանողը, կերպընկալ տախտակ, չի կրնար ուրանալ իր կրած ազդեցութիւնները։ Ու Դ. Դարու Կեսարիան յօրինած է Սահակ Պարթեւի ոսկորները, եթէ կը ներւի սա բացատրութեան կերպը հոգեկան մարզին վրայ։

Գաւառական ոստաններու նկարագիրներէն է սա խըստութիւնը, սա կրակը, սա բրտօրէն գեղեցիկ պարզութիւնը, որոնք թանկագին առաքինութիւններ են։ Մայրաքաղաքը ամէնէն առաջ կը լուծէ, կ՚անէացնէ մեր անձնականութեան այդ շեշտերն ու դերբուկները։

Յետո՞յ։

- Բայց ոստաններու ոստանը։ Արեւելքին քաղաքագլուխը։ Բիւզանդիո՜նը։

Մեծ կրկէս` միտքի որքան աշխարհիկ կառոյցներու։

Աշխարհի տիրակալութենէն ընկրկող Արեւմուտքի դէմ հետզհետէ ամրակալող նոր հարստութիւնը` Մերձաւոր Արեւելքին։ Պոլի՛սը։ Այսինքն` գերազանց քաղաքը։ Այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա քաղա՛ք` նուրբ ու երկար իշխանուհիներու, ու երկար ու նուրբ նոճիներու։ Ու քաղաքը` դաւին ու նուիրումին, ոսկեդրուագ շուայտութեան ու ճգնապինդ, հոգեխիստ եռանդին։ Որ, հաւասար առատութեամբ ու դիւրութեամբ ծնունդ կու տայ մեծ, զազրագոյն մեղքերու ու կախարդիչ սուրբերու։

Թերեւս վիպային, բայց սրտայոյզ հաճոյք մըն է ինծի Սահակ Պարթեւի երկար, ուժէ եւ իմաստէ անթառամ տարեգիծին մէջ շուքը տեսնելու տարուիլ այդ քաղաքին խստակառոյց, սլացիկ, մանաւանդ տաքէ, պաղէ չսարսող նոճիներուն, որոնք կ՚ախորժին կենալ ուրուակերպ, սգախարիսխ, մահուան դաշտերուն վրայ, ու հեգնել մարդոց ունայնամտութիւնը, յաւակնութիւնները։ Ուրիշ հաճոյք, դարձեալ, այն միւս հաստատումը, որ Սահակ Պարթեւի իմացականութիւնը կ՚ուզէ նախօրինակ մը նկատել, սկիզբը` գեղեցիկ, որքան սրտառուչ, մեր մեղքերով վիրաւոր, բայց մեր շքեղագոյն ալ տուրքերուն այնքան հարազատօրէն յայտարար հրաշքին, որուն անունն է մեր օրերու Արեւմտահայ գրականութիւնը, ամենավայրագ գերութեան մը վիրապէն այսպէս «հոյակերտուած», համադրելով ցանուցրիւ իր երեսներուն վրայ խստամբեր, խօլարձակ, խոր կամ հեղեղակօս գիծերը հեռու մեր հայրենիքին, անոր լեռներուն գունախաղեր, արտերուն սնդուսը, ժանեկահար հորիզոնները, այնքան քնքուշ կամ հզօր բխումներով զգալի՝ մեր նոր լեզուին դնդերներուն մէջ, որքան Վոսփորային քաղցր կորութիւնները, նուաղուն ու դալկանուշ երանգները, բոլորն ալ տեսանելի շնորհներ արեւմտահայ բարբառին ապշեցուցիչ ճարտարապետութեանը մէջ, մանաւանդ երբ դրուի մօտիկը այն միւսին, որ Փարպեցիէն ողբացւած Այրարատեան նահանգէն ծնունդ է առած այսօր * ։ Մի ծիծաղիք միամիտ պատմիչով մեզի հասած կայծակնաճաճանչեցուցեալ բառին վրայ, որ զուարճախառն բարդում եւ ածանցում մը ըլլալէ առաջ, շատ զօրաւոր տպաւորութեան մը փաստն է կերտողին, որքան թելադրողին հոգիներէն։ Այդ բառը ամբողջ մատեան մըն է, որ կը կերպադրէ, մեծ հայրապետին կեանքէն, երբ հիւսիսականներու դժբախտ, անթիկունք կրօնապետը կանչուած է արքայից արքային հսկայ դիւանին առջեւ։

Դրէք պատկառելի ծերունին այդ մեծերու ճնշումին տակ։ Բայց դրէք մանաւանդ վերի բառը, մտքով, բերանը փոքրաւոր վարդապետի մը, որ ժամանակակից կամ ոչ-պարագայական սա գիծը բան պիտի չփոխէր բառին միսթիքէն հմայքին տակն է իր մեծաւորին։ Ու բարի եղէք տեսնելու այդ բառին ետին Սահակ Պարթեւը, որ փառահեղ իր բերանը բացեր է այն ատենուան մեծագոյն ատեանին առջեւ ու կը բարբառի, իր բառերուն ամէն մէկէն կիսադարեան ցաւ մը, նոյնքան երկար զայրոյթ մը, արտայայտութեան ետեւէն ծարաւահիւծ պապակ մը, անզօրօրէն խեղդուելու դատապարտուած, բայց զսպումը անկարելի զգացումներու բուխք մը փռելով արքայաժողով  ատենակալներուն  ականջին  ու  աչքերուն, երբ թաւ իր յօնքերուն տակէն, յաւէտ երիտասարդ, խորաթափանց, հմայիչ իր նայուածքը կը ցոլացնէ կրակը գանկին տակ եռացող յուզումին, ու կուրծքն ի վար շքեղ իր մօրուքը կը դողայ, կը թրթռայ, բիւրաղի նուագարան մը ինչպէս, երբ` հինաւուրց, նահապետական եկեղեցականի իր հեղինակութիւնը, ժուժկալ ու նուաճող պատկառանքը իր շէնքին -նիւթ ու հոգի կը մտնեն բառին մէջ կը թուի ձերբազատուիլ պայմաններուն, պատշաճութեանց օրէնքներէն ու կապանքներէն, երեւան բերելու համար մեր ներքին, անվերածելի մարդը մեր մէջ տեառնագրուած, ուրուակծիկ մարգարէն։ Լսած ունի՞ք մարգարէները։ Զուր տեղը չէ, որ ատեանը պիտի խռովի այդ հեղեղին առջեւ։ Ու մարգարէն մինակ Պաղեստինէն չի գար ** ։

Բառը, Տիզբոնէն դուրս, փաստ մըն է դարձեալ մեր լեզուէն, որքան Պոլսէն։ Կայծակնաճաճանչեցուցեա՜լ։ Չեմ գիտեր ինչու բառին մէջ գոյնն է, որ ամէնէն աւելի կը խռովէ զիս։ Ու այդ գոյնը, հաւանաբար արձագանգ մը նորէն Բիւզանդիոնէն, որ քաղաքն է ոսկիին, իր ասիական ափունքէն, ու կը շռայլէ թանկ մետաղը ո՛չ միայն մատեաններուն, խաչերուն, խորանազարդներուն, նկարներուն -մանր ու մեծ-, կիներու կուրծքին ու ծամերուն, այլեւ կ՚ախորժի անոր հոգեւոր, -շոգեւոր ըսելս կու գայհոսումին իբր ուրդ, ակօս մարդկային բերաններ ալ շահագործելէ։ Օհան Ոսկեբերանը միայն օրացոյցի մէջ տօնելի սուրբերէն մէկը չէ եւ կամ վարդապետ մը եկեղեցւոյ հանդարտաբարոյ, օծուն, բարոյախօս ախոյեաններէն, այլ` Սահակ Պարթեւի պատանութեան օրերուն Պոլսոյ եկեղեցիները հրդեհող պերճութիւն մը, խօսքի, ծիրանի հեղեղ մը, ոսկիի տարափ մը, ինչպէս կը դիւցազներգեն մեր հեքիաթէն ազատուած պատառիկներ (Գողթան երգեր), ու տարափ մը նոյն ատեն սրբազան, կատաղի, զգետնող պարսաւի, խարանի, շրջանին համար այնքան տիրական ու անհրաժեշտ, երբ կայսրութիւն մը նոր է մորթ փոխեր ու հին խարիսխները դարաւոր մշակոյթին խարխլեր ինկեր են գետին։ Այդ օրերուն բառը ոսկի էր։ Պալատն ու կրկէսները, հրապարակներն ու իշխանուհի սիրտերը դղրդող այդ աներեւոյթ շղարշը ձայնին, զայն հոսողին հրապոյրին ամբողջ սարիքովը թող իյնայ նախասահմանուած, ընկալուչ, նոյնախմոր միտքերու վրայ, նման «աննիւթական, բայց իմանալի» մանանայի ու նման մեղմաթափանց ճառագայթի, բանաստեղծ մը պիտի ըսէր «լուսնահիւս» ոստանի, ես չեմ վախնար աւելցնելէ նման շոգեւոր, թեւաւոր ոսկիի, այն ատեն միայն իրենց լրիւ իմաստը կը գտնեն մեզի համար կիսամութ հրաշքներ, բառին անյատակ հանքերէն, Սոկրատը, Պղատոնը, Ս, Ֆրանսուա տը Սալը եւ այն բոլոր միւսները, որոնք խօսեցան կամ գրեցին մեր օրէնքներէն տարբեր ճարտարապետութեամբ մը։

Ու Պոլիսը պայքարին, մռայլ կրկէսը երկու հակամարտ  ու  հզօր  քաղաքակրթութեանց  գուպարին երբ Արեւելքն ու Հարաւը կը մօտենան Արեւմուտքին։ Ու քաղա՛քը դարձեալ, որ այդ օրերուն, ինչպէս վերջն ալ միս-մինակը պիտի կռուի Ասիոյ կէսին դէմ։ Պիտի կռուի հրէութեան եւ հեթանոսութեան, կայսրութիւնը փեռեկող աղանդներուն եւ այլապէս խստաբարոյ դաժան ուղղափառութեանց, պալատի դաւերուն եւ գռեհիկ, պատեհապաշտ զօրավարներու փառասիրութեանց, այնքան առատ ու ահաւոր ներքինիներուն եւ այնքան ապականած թագուհիներու դէմ, հիմնարկումէն մինչեւ տապալումը, միշտ հաւատքի, «ասպարովը», ինչպէս կ՚ըսեն, երբ մօտիկ անցեալը, հակառակ պաշտօնապէս դատապարտըւած ըլլալուն, ուրացուելուն` աւելի քան յաղթական է դեռ, փողոցներուն եւ հրապարակներուն երեսին։ Արեւմուտքէն անընդհատ հոսող փիլիսոփաներուն, պերճախօսներուն, վայելքի ու շուայտութեան մեծ դիւցազուններու ակումբին մէջ, կիներուն բարձրադիր ու բարձրահայեաց դաւադրութեանց ու խոնարհագոյն դասակարգին այն թշուառունակ խաւերուն մէջ, որոնք մեծ նաւահանգիստները կ՚ընտրեն իրենց թխսումին ճահիճը ու տրուած մշակոյթի մը վերջնական տականքը (rռsidu) կը խորհրդանշեն, աւելի ճիշդ կը կրեն, կը փոխադրեն, կը պատուաստեն իրենց բերնին ու արեան ճամբաներով, բառերով ու հոյակապ մեղքերով ու մկրտուած ըլլալուն ապահովութեամբը, փառքովը մեղսազերծ, սպառազէն, այնքան պարզ, բնական մղումով մէկ րոպէէն միւսը կը վերադառնան իրենց մշտայժմէ, դարաւոր կաղապարին, հոգեկան պատեանին, մեր ամէնուն մէջ անմեռ հեթանոսութեան ետեւ գեղեցիկ պատեհութիւններ կը խայծեն զիրենք։ Հոգեկան մեծ յեղաշրջումներու ընթացքին սա նահանջները ընթացիկ աղէտներ են, ընկերային երեւոյթներու հետամուտ գիտուններուն համար։ Ու գիտունները, այդ օրերուն անոնք են, մեծ հայրապետերը մայրաքաղաքներու, որոնցմէ ոմանք հեթանոս հռետորութեան եւ իմաստասիրութեան փայլուն մշակներ ալ եղած են իրենց պատանութեան։ Անոնք գիտեն վտանգը, որ մեր զգայարանքներուն սպառնալիքն է մեր հոգիին վրայ։ Ու ծանօթ է դարձեալ օրէնքը, որ ծնունդ կու տայ արտակարգ շարժումներու ատեն, զանոնք վարող ալ բազուկներու։ Ու Պոլիսը իր ծոցէն կը հանէ այդ մարդերը, նորին, հոգեկանին կարողութեամբը կրակւած, «զինաւորուած», արի, աննահանջ ու վճռական, բառէ` ինչպէս գործէ։ Եկեղեցիի պատմութեան այդ նախաւոր դարերը, այսօր հանգչած, մշուշով քողուած հրաբուխներու սխալ չէ նմանցնել։ Խօսքի ու գործի այդ տարօրինակ ասպետները անմատչելի չեն սակայն մեր օրերու քննադատ ըմբռնողութեան։ Մանաւանդ մեր չորրորդ, հինգերորդ դարերու եկեղեցական հերոսները։ Կը խորհիմ, թէ Պոլիսը, Կեսարիան, Աղեքսանդրիան, Աթէնքը, Հռովմը որքան ալ մեծ, ունին նմանութեան շատ եզրեր Արշակաւանին կամ Վաղարշապատին հետ։

Սահակ Պարթեւի կամքը եւ իմացականութիւնը յուզումնայեղց այդ քաղաքին մէջ առած են, կը հաւատամ, իրենց առաջին փորձը, ջրդեղումը, մկրտութիւնը մարդկային ապականութեանց այդ մեծ մօրուտքէն, որ անխուսափելի յատակն է ամէն մեծ մայրաքաղաքի, ու ճանչցած` սահմանը մեր եղկելի ուժերուն, երբ ասոնք մինակ են ձգուած միսին ու հողին արգանդներուն։ Նոր չէ, որ երկինքը կը փնտռենք, ապագայէն աւելի ներկային տագնապով։ Դ. դարուն Պոլսոյ մէջ այդ դժնդակ պարտքը այնքան պերճօրէն կատարող մեծ խօսողները, հաւատախոր ու ներշնչուած հայրապետները տուած են ոճն ու կառոյցը Սահակ Պարթեւի անձնաւորութեան։ Վասնզի ստոյգ է, որ առանց այդ Պոլիսին, իրմէ առաջ իր հայրը ուրիշ բան պիտի չըլլար, եթէ ոչ պարզ ու անոճ շարունակութիւնը, յաջորդը` Լուսաւորչի գահը սրբութեամբ, խորութեամբ գրաւողներու, երբեք` այն խորատարած, բազմակողմանի վարչականութեամբ տրոփուն գործիչը, որով կը յատկանշուի Առաջին Ներսէսին գործունէութիւնը։ Գիտենք ասիկա Լուսաւորչի յաջորդ մեր արի, որքան սուրբ հայրապետներէն, որոնք իրենց հօրը կամ հաւուն հեղինակութիւնն անգամ տառապելով կը գործածեն ու մտքերնուն չեն անցըներ իրենց գործունէութիւնը երկարել մինչեւ Տիզպոն կամ Պոլիս։ Առանց Պոլիսին Սահակ Պարթեւը պիտի նոյնանայ, ընկղմի աւելի վերջի դարերու հայրապետներու կաղապարին մէջ, մարդեր ասոնք, որոնց մէջէն հոգեկան բարձրութեան, անհատական շքեղ առաքինութեանց սխրալի փաստեր եկած են մեզի, բայց որոնց միտքը չինկաւ կրկէսը մեր երկրին հանրական քաղաքականութեան։ Որոնք վար մնացին դէպքերէն, մեզ դժբախտ ընծայող չար սա պատեհութեամբ, որ մեր պատմութիւնը կը զլանայ զինքը վարող բազուկներ, անոր բեմին թափելով մեծագոյն պատուհասները ու փորձանքները։

Տակա՞ւին։

Այո՛։

Զի, մարդը չի փոխուիր թերեւս տասնհինգէն ետքը։ Ու մինչեւ ութսուն ըրածը ուրիշ բան չէ, բայց եթէ այդ հրաշալի յօրինման շրջանէն իւրացումները մանրել, բայց  պատանութիւնը  որոճալ  դէպքերու  շարանին  ու գրոհին դիմաց։

Անիրաւութիւն պիտի ըլլար, պատանիի մը անձնականութիւնը յարդարող, ու անոր մէջ ապագայ վաթսուն կամ եօթանասուն տարիներու հունտը զօրութենապէս հոգիին կերպընկալ ներկերուն յանձնող, այդ ապագայ դերը, խորհուրդը հանդիսացող սա քանի մը ազդակներուն արտահանման ատեն, լռութեամբ անցնիլ մեծագոյններէն մէկուն վրայէն, որ աւելի տիտղոսւած էր ինքզինքը այդպէս մշտատեւելու իր զաւկին մէջէն։ Որ իր արիւնովը դնելէն զատ սկիզբը անոր մարմնեղէն շէնքին, քաշեր էր, ոչ մէկ կասկած այս մասին, մեծ գիծերն ալ անոր հոգեղէն հէնքին։ Հայաստան աշխարհին հեքիաթունակ, ողբերգական, եռամեծար` հայրապե՛տը, որուն անունը, հակառակ տաղաւարած եղերական պայմաններու այնքան բիրտ, սիրտ բզկտող հանդէսի մը -Աննիբաղեան յուզում կ՚ելլայ Բիւզանդի անպաճոյճ տարեգրութիւններուն մէջէն, երբ կը կարդանք պատմական  փաթէթիքին  անմահ  այդ  մատեանը մտքի առջեւ ունենալով համաշխարհիկ պատմութեան մեծ ու դժբախտ դէմքերուն տապալումըմեր սրբազան պատմութեան համար տեսակ մը տրտում, եղերակուռ փառք է բերած իրմով յաջորդուածներուն։ Ներսէսները, մեծ ու դժբախտ, Հայաստանեայց Հայրապետութեան։

Պիտի ըլլամ ժուժկալ, Մեծ Ներսէսին անձնաւորութեան դիմաց, քանի որ կը հաւատամ, թէ պիտի գան տղաք, մեզմէ վերջ, որոնք այդ մարդով պիտի կազմեն մեր ամենախոր ու ամենահայ յիշատակարաններէն մէկը, ուր այնքան հարուստ են անոր բաղդատաբար քիչ օրերը  վաղնջական, նահապետական շնորհով  ու անարդի շքեղանքով, մեր պատմութեան մշտական խռովքներովը, որոնք այդ շրջանին այլապէս խոր են ու այնքան անգթօրէն ու անգութին մէջ գեղեցիկ, իր եռանդովը, որ քանի մը մարգարէ կը համախառնէ աշխարհ մը ապականութեան լսելի ընելու համար իր հուրքը, սաստը, պատգամին պղպեղը, մշտապէս կրկնուած ամենադաժան փաթէթիքէ մը, քունին մէջ իսկ քաւելու ձգտելով մեղքերը իր թագաւորին, իշխաններուն։ Դիւցազներգակ մը պիտի կրնար այդ մթերքէ անմահ կոթող մը նետել ոտքի։ Մատաղատի իր այրիացումէն, գրեթէ քսանամենի իր կաթողիկոսացումէն (քսանհինգ չկար), երբ կը կանչըւէր հայոց եկեղեցական նուիրապետութեան գերագոյն աթոռին) մինչեւ սրտաճմլիկ իր վախճանը զոր հեքիաթը այնքան հեշտանքով գունաւորած ալ է, ողբերգական հով մը անդադար կը ծեծկուի այդ կեանքին գրեթէ ամէն մէկ էջին հետ, զինքը ընելու աստիճան վիպական, թատերական հնօրեայ հերոս մը, դժբախտ կիսաստւած մը, իր Եսքիլէսին սպասող։ Պիտի ըլլամ ժուժկալ արդիական ալ պատճառներով, զի մեր օրերուն ալ անայժմէ են պիտակուած այդ կաղապարին մարդերը, մեր օրերո՜ւն, ուր արուեստը, պատմութիւնն անգամ կ՚ուզենք մեր չափովը։ Ի՜նչ սրտառուչ հեգնութիւն է անցեալը գտնելու փորձը մեր նոր գիտութեան մէջ, որ ընկերային ազդակներ, դասակարգային գիծեր կը հետապնդէ, արդի ակնոցով, երբ այդ գիծերը չեղան այդ անցեալին մէջ։ Բայց մանաւանդ զայն ընդունելու մեր իմաստակ, չտես, լրագրական, հտպիտ չկամութիւնը որով ժողովուրդ մը երես մը թուղթի կը վերածուի առանց յատակի, արդի փոքրաստանին (սփիւռքէն կամ ոչ) մեծ խամաճիկներուն սա չնաշխարհիկ խաչակրութեա՜ն օրերուն։

Կը ծանրանամ, Սահակի վրայ, տեսնելու

Ներսէսէն`

-Փաթէթիքի հզօր զգայարանք մը։ Պալատական բարքերուն, ըսել կ՚ուզեմ՝ ասոնցմով բրգացած մեղքերուն ընդդէմ մարգարէական խստութիւն, ըսուածքի արիութիւն, նոյն ատն աշխարհիկ մարդու այն խոհականութիւնը, որ կը զատէ անապատական կոտրող-թափողները շինարար, ճկուն եւ այլապէս օգտաւէտ գործաւորներէն։ Գործողութեան մարզէն, գէշ բառով մը գործի աշխարհէն, որ հայոց բազմաբղէտ նախարարութիւնները, վարչաձեւէն բխող մրցակցութիւնները եւ հետեւանքները, Արեւելքին ու Արեւմուտքին երկու մեծ կայսրութիւնները եւ ասոնց միշտ հակամարտ շահերուն մէջտեղ հաւասարակշռութեան դժուարին գիտութիւնը, կարճ` ընդարձակ ու երկրի մը, անգիր ու մանաւանդ զանգուածի մը բազմահազար կարիքներուն հասնելու հերոսութիւնը կ՚ընդգրկէ իր ծփուն տարազին մէջ ճկուն, առողջ, փորձը իր օգուտովը փրկած հասկացողութիւն։ Երկիրը իր խորունկ հոսանքներուն մէջ ճանչնալ արտօնող ընդարձակ շփում։ Մարդերը իրենց թաքուն զսպանակներուն վերածելու եւ արարքները իրենց պատճառներու աղեղին մէջ նստեցնելու սրատեսութիւն, որ քաղաքական վարիչներուն լուսապսակը կը կազմէ հեքիաթին մէջէն երբ անցնի։ Թափանցամտութիւն տրուած կացութեան մը հանգոյցին իջնալու եւ եղելութեանց՝ այն օրերուն քիչ լուսաւոր թնճուկին խորէն, զատել յաջողելու իրական մագնիսը մարդոց ախորժակներուն։ Ու աւելի արդի բառով մը զօրաւոր intuitionը, թաքուն եւ մշտագոյ տուրքը` առանց որու դիւանագէտը  ծիծաղելի խամաճիկ մըն է, հոգեբանը` հասարակ դասախօս, վիպողը` զանգուածը զուարճացնող թերթօնագիր։ Ստեղծագործ իմացականութեան այն գեղեցիկ պարգեւը, որ աշխարհը վարել ձգտողներուն մօտ հիմնական նախանիւթը կը մնայ հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Ուրիշ բան չեն մեծերը, մարդկային գործունէութեան բոլոր գետիններէն։

Ներսէսէն`

Մանաւանդ Քաղաքային հասկացողութիւնը, տոհմին մէջ ամէնէն քիչ զօրաւոր երակը։ Բայց որ յաջորդական տագնապներու, աղէտներու գինով ալ կը հասուննայ մեր ժողովուրդին արեւելումը հանելով իր տարերային, երկադէմ նկարագրէն, զայն հաստատօրէն լարելու համար՝ կորագիծին մէջ արեւմտեան, քրիստոնեայ քաղաքականութեան մը։ Նոյն այդ հասկացողութիւնը` հանդէպ պարսկական նուաճող եւ բիւզանդական հեռահայեաց ախորժակներուն, անոնց դէմ իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար, երբ հայր ու տղայ հեռւէն իրարու կը վերածուին իբր ձգտում ու ճիգ, առաջինը` նոր բարոյականով մը զանգուածը ինքնադրդելով, ազնուացնելով բարւոքելով հոգիէն ու մարմինէն. երկրորդը`   այդ աշխատանքին համար աւելի ապահով մանաւանդ տեւական կռուան մը հնարելով, անոր տալով ազգային  գրականութիւն։

Ներսէսէն`

Սրտի այն լայնութիւնը, ժողովրդի բառով մեծութիւնը, որ ճշմարտապէս բարձր, ազնուական հոգիները կը զատէ գործողութեան անսանձ հերոսներէն։ Որ, երբ կը պակսի, օրինակի մը համար, Աղեքսանդրի մը մօտ, կը պակսեցնէ շատ ալ անոր երազէն։ Որ ամէնէն յանկուցիչ, անվրէպ կերպով ազդեցիկ շնորհ է բոլոր դարերու մեծ հովուապետներուն, մինակ կամ քովն ի վեր ուրիշ ոչ նուազ թանկ առաքինութեան մը, բերնի լայնութեան, բացութեան տարազ` որ վեր կը բերէ մեր արժէքին տեսակարար կշիռը, դրամին ու շողոմին, փառքին ու սաստին, նկատումին ու կեղծաւոր զգուշաւորութեան քաղքենի հրամայականներուն դէմ` քաջարի այլուրութեամբը մեծերուն, իրենց մտածումը, զգացումը ըսելու արիութեամբը։ Ասիկա շատ մօտիկը` պարսաւին, որ կրօնական դեր մըն է գուցէ, իր գիծէն ժողովրդապետներու այնքան վայել, փոքր, հպատակ, գերի ժողովուրդներու տառապանքէն  ստեղծուած։

Ներսէսէն`

- Մտքի ալ բացութիւն։ Ու վազելու, հասնելու, ուղղելու, սփոփելու ինքնայարդար բարեացակամութիւն։ Ինքզինքը, անվարան, ներկայացող հարկին բաշխելու պատրաստակամութիւն։

Սա թուո՜ւմը, որ այնքան ճահաւոր լայնքով մը կը պատշաճի նոյն ատեն հօր ու տղու, այնքան` հայրը կ՚երկննայ տղուն մէջ իր տուրքերուն շքեղ հանդէսովը, ու այնքան տղան հարազատ ցոլացումը կ՚ըլլայ հօրը վաղաթարշամ ընդունակութեանց ու կարելիութեանց։

Ատեն է, որ դառնամ իրեն։

- Այսինքն՝ իր այն միւս կէսին, որ ուրիշ բան չէ` եթէ ոչ փթթինազարդ (մեղքը իմս է ապահովաբար սա ածականին առջեւ) ուռճացումը, գեղուղէշ (չենք կրնար ուրանալ քեզ վերջապէս, Բագրատունի՛), պսակումը առաջինին, դէպքերու գրոհին ու պատմութեան հովին առջեւ։ Բայց առջեւը մանաւանդ գործերու գործին, Հայաստանեայց գրականութեան հազարհինգհարիւրամեայ կոթողին շուքովը։

1936



*             Գեր կամ ստորագնահատումի ոչ մէկ միտում՝ սա ընդհանրացումներուն խորը։ Արդար իրողութիւն է, որ այս ժողովուրդը, մէկէ աւելի անգամներ, իրեն համար յոյժ պատուաբեր (ինչպէս կ՚ըսեն) փորձը կրկնեց մշակոյթ ու գրականութիւն ստեղծելու, եւ ինչ դժոխային հանգամանքներու մէջէն, տարբերելով այսպէս, նոյնիսկ այս գետնին վրայ, քաղաքակիրթ ուրիշ ժողովուրդներէ, որոնք իմացական գործունէութեան սպասը փորձեցին այլապէս նպաստաւոր, առնուազն ազատ պայմաններու մէջ։ Այնպէս որ, պարզ կամ բարդ, նախնական կամ նրբարուեստ, գրական մեր զոյգ բարբառները փաստ են այս ժողովուրդին գեղեցիկ տուրքերէն։ Ասկէ անկախաբար, պարտաւոր եմ դիտել տալ, որ Սահակի եւ գործակիցներուն կերտած լեզուն թող ներուի սա անխուսափելի ընդհանրացումն ալ, որ մեղք մըն է թերեւս լեզուաբանօրէն, բայց ճշգրտօրէն կը համադրէ զօրաւոր անհատականութեանց կնիքը շրջանի մը արտայայտութեան վրայ (յիշել Տանթէն եւ ինչ որ կը պարտի իտալերէնըԱստուածային կատակերգութիւն»ին տարօրէն մօտ է, իբրեւ ցեղային, ներքին, մեզայատուկ ճարտարապետութիւն՝ այն լեզուին, որ արտայայտութեան միջոցը եղաւ Դուրեաններու, Զօհրապներու, Վարուժաններու, Զարդարեաններու։ Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»ն իբրեւ ոճի հէնք նախատի՞պը չէ «Ներաշխարհ»ին։ Ու Արեւմտահայ գրականութենէն առնուած սա անուանացանկը պատահական յիշատակութիւն մը չէ։ Ո՞վ է ան, արեւելահայ բարբառէն, որուն լեզուն պիտի կրնայինք հանդարտօրէն առընթերել,,, Եզնիկին։ Արեւմտահայ գրականութիւնը, իր բոլոր մեղքերուն հակառակ, պարտաւոր եմ կրկնել, իր մեծ իրացումներուն մէջ սեւեռած, բիւրեղացուցած է ծուէններ, երեսներ այն երջանիկ կատարելութենէն, տոհմիկ հրապոյրէն ու գեղէն, յանդուգն սլացքներէն, վայելուչ ու դաշն մաքրութենէն, որոնք դեռ հինգերորդ դարուն նկարագիրներ են մեր հաւաքական հոգեբանութեան։ Միւս կողմէն՝պէտք է դիտել տալ, որ անըմբռնելի հակասութեամբ մը, այսօր այդ գրականութիւնը կ՚ուրացուի Այրարատէն։ Գաղտնիք չէ ոչ ոքի համար, թէ Աբովեանի լեզուն անտանելի, օտար, ոչ հայ, Լըվանթէն, լագէ պերճանք մըն է ո՛չ միայն այսօրուան, այլեւ՝ երէկուան, կէս դար առաջւան Երեւանի համար։ Աղօթամատեանը գրուած է Վասպուրական։

**            Երկար դարեր, Արեւելքի արքունիքներուն մէջ եղած են այդ դէմքերը, երկիւղառիթ իրենց հմայքովը, ինչպէս հզօր իրենց ժողովրդականութեամբը, ծանրօրէն խոր կնիքով մը տպաւորելով ինքնակալները, ինչպէս աւագանին։ Մնաց որ, այդ ատեանը պատմական է արդէն։ Սահակ Պարթեւի ճառը բառ առ բառ չէ հասած մեզի։ Բայց կը յիշուին ժողովին նախագահ արքային հիացական բացագանչութիւնը, իշխաններուն ապշահար արտայայտութիւնները։ Արքայից արքան, արեւելեան տարազով «կը բաշխէ» հայրապետին՝ իր ուզածը եւ «արծաթ բազում», որ հասկանալի է, պիտի մերժուի անկաշառելի ծերունիէն։