ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱՐ
I
Տարտղնումի,
տկարութեան
այլապէս
զօրաւոր
ազդա՛կ
մը՝
մեր
ինքնին
վտիտ
գրականութեան
համար
—
քննադատութիւնն
է
ան,
մանաւանդ
այն
ձեւով,
որով
կը
փորձուի
մեր
մէջ։
Ինչպէս
գրական
միւս
սեռերը,
այս
վերջինն
ալ
կը
ներկայանայ՝
մեզի
յատուկ
սպառազինութեամբ
մը,
ու
այն
անխուսափելի
եղծումով,
որուն
կ՚ենթարկուի
իմացական
ամէն
երեւոյթ,
երբ
մտնէ
տկար
ու
ինկած
ժողովուրդներու
մէջ։
Իր
ծագումովն
իսկ
ժխտական
երեւոյթ(1),
անիկա
լայնօրէն
կը
շահագործէ
մեր
ժխտական
բնազդները(2)։
Քննադատը,
ինչ
արժանիքներ
ալ
մէկտեղէ
իր
անունին
շուրջը,
չի
դադրիր
վաւերական
մակաբոյծ
մը
ըլլալէ
իմացական
գործարանաւորութեան
վրայ,
ու
նման
ամէն
մակաբոյծի,
կը
սնանի
իմացական
գործին
ներքին
կենսահիւթովը։
Ասկէ՝
իր
անփութութիւնը,
իր
անգթութիւնը,
քանի
որ
չէ
աշխատած։
Ասկէ
մանաւանդ
իր
պարարտ
տգիտութիւնը,
զոր
կը
պաշտպանէ
կարելի
գուրգուրանքով։
Անոր
արգիլուած
է
տարակոյսը,
որ
առնուազն
աւելորդ
է
եռանդը
թուլցնելուն։
Անգամ
մը
իր
գործիքները
—
ժանիքները
պիտի
ըսէին
աւելի
ճշգրիտ
գրողներ-
ճարելէ
յետոյ,
անիկա
հոգն
ունի
միայն
ու
միայն
փոխուելիք
տեղին
ու
վանուելիք
ձանձրոյթին։
Այսպէս
զրահաւոր,
անիկա
չի
վախնար
դուրսէն
ու
ալ
աւելի
ինքնիրմէ։
Ու
կը
ծիծաղի
մեր
վրայ։
Կը
վախնա՞նք
իրմէ։
Անտարակոյս,
եթէ
իր
տեսակը
բացառիկ
պնդութիւն
ունի
երեսի,
—
այսինքն՝
չ՚ամչնար։
Ու
նոյն
ատեն
ընդունակ
է
դիմակ
փոխելու։
Անոր
կապերը
այդ
ատեն
բաւական
ամուր
են
ու
յաջողակ՝
շողապատելու։
Երբեմն
անիկա
միջակ
խառնուածք
մըն
է,
պարկեշտ
ու
հաւատաւոր։
Աշխատութենէն
համ
կ՚առնէ
ու
մոռնալով
անձնական
փառասիրութիւնը,
պանդոյր
հանգիստը,
որ
վերինն
է,
կը
մղուի
արդար,
բայց
մոռցուած
փառքերը
վերստին
արժեւորելու։
Ասոնք
հանդուրժելիներն
են
ու
անվնասները
նոյն
ատեն,
վասնզի
շրջանակ
չունին։
Քննադատին
կը
ներեն
տղաքը,
միամիտները
միայն,
զայն
սիրելու
աստիճան,
երբ
անիկա
իրենց
տարիքն
ունի,
անոնց
խանդավառութեան
դիմաց
առնուազն
ժամանակաւոր
հեռանկարներ
կը
պարզէ,
հանգանակներով
ու
խոստումներով
հարուստ,
ու
իր
անձին
օրինակովը
զանոնք
կը
քաշէ
իր
ետեւէն։
Ու
մանաւանդ
գրել
գիտէ։
Բոլոր
փոփոխակներուն
հասարակաց
է
սակայն
տեսակ
մը
արհարմարհանք
հանդէպ
աշխատողներուն
-բա՛ն
մը՝
որուն
իրաւունքը
չունին(3)։
Քննադատութիւնը
շատ
արագ
ուրացաւ
իր
ծագումին
մռայլ
համեստութիւնը։
Արիստոտէլի
Poռtiqueը
ճղճիմ
հատոր
մըն
է
միայն
անոր
ամբողջական
գործին
մէջ,
որուն
չորս
հարիւր
կտորէ
աւելի
գիրք
կու
տան
իբր
գումար։
Ո՛չ
Եսկիլէսը,
ոչ
ալ
Սոփոկլէսը
խորհուրդ
հարցնելիք
մէկը
ունեցան
գրելու
համար
Orestieն
կամ
Le
Roi
Œdipeը
*
։
Ու
զբաղիլ
նոր
ժամանակներու
մէջ
անոր
բարեշրջութեամբը
զիս
հեռուները
պիտի
տանէր(4)։
Դիտելի
է,
որ
մեր
մէջ
քիչ-շատ
շեշտ,
ինքնութիւն,
ամբողջական
դիմագիծ
ներկայացնող
երկու
շարժում,
մեր
վիպականութիւնն
(romantisme)
ու
իրապաշտութիւնը
(réalisme),
երեւան
եկած
ու
իրենց
լրումին
են
գացած
առանց
տարազներու
եւ
հանգանակներու
նպաստին,
նոյնիսկ
գոյութեան։
Այսօր,
չենք
կրնար
ուսուցողական
նպատակներէ
տարբեր
տարողութիւն
տալ
եօթանասունի
շրջաններուն
մէջ
համբաւ
շահած
գիրքերու(5)։
Եղիազար
Մուրատեան
անշուշտ
չի
կասկածիր
իր
առաքելութեան
մասին,
երբ
գիրք
կը
յօրինէ՝
գրելու
արուեստին
վրայ։
Ու
աւելի
քան
լուրջ
է,
երբ
հոս
ու
հոն,
նոյնիսկ
ծաղկաքաղերու
մէջ,
յանուն
սրբազան
ճաշակներու
եւ
պատկառելի
սկզբունքներու՝
կը
փորձէ
դէմընդդիմել
Ալիշանն
ու
Նար-Պէյը
գովելով,
խարանելով
հաւասար
դիւրութեամբ։
Չեմ
գիտեր
ինչու,
հակառակ
իրողութեան
իմաստէ
եւ
ճշդութենէ
զուրկ
չըլլալուն,
ակամայ
կը
մօտեցնեմ
երեւոյթը
Մասիսի
եւ
Փունջ
պատուական
լրագիրի
միջեւ
այնքան
յաճախադէպ
բանավէճերուն,
որոնք
զուարթ
ու
քիչ
մը
drôle
polémiqueի
*
ինքնեկ
էջեր
են
առաւելապէս(6)։
Ու,
իրականութիւն
է
դարձեալ,
որ
ի
հեճուկս
բոլոր
Ասքանազներու
եւ
ի
զարմացումն
Ֆէլէկեաններու,
մենք
շահած
ենք
արդէն
այդ
օրերու
լաւագոյն
փառքերը
գոնէ
քերթողական
կալուածէն,
անո՛նք՝
անդրանիկ
բիւրեղացումները
մեր
նորագոյն
գրականութեան։
Պէտք
չէ
վրդովուիլ
այդ
օրերու
մէկ
ուրիշ
մտայնութեամբը,
անո՛վ՝
որ
կը
միամտի
Դուրեանը
սրբագրելու,
վասնզի
անիկա
այնքան
սերտ
կը
նմանի
մեր
օրերու
գրական
հասարակաց
կարծիքին,
անո՛ր,
որ
օրաթերթի
կարիքներուն
համար
կը
յօրինուի
եւ
նոյնն
է
միշտ
աշխարհի
բոլոր
մասերուն
վրայ։
Որ
կը
ստեղծէ
ու
կ՚աւրէ
իր
մարդերը
հաւասար
անլրջութեամբ
ու
կ՚անգիտանայ
գրագէտը,
որուն
պէտք
չէ
զգացած,
իր
ապրանքը,
թուղթը
քշելու
հարկէն
դուրս։
Ու
նորէն
պէտք
չէ
մոռնալ
միւս
շատ
յայտնի
իրողութիւնը,
ա՛ն՝
որ
կը
պարզուի
մեզի
մեր
վէպին
կալուածէն։
Այս
տեսակէտէն,
մեր
նոր
գրականութեան
ամէնէն
հասուն,
ամէնէն
լուրջ
շարժումը,
մեր
իրապաշտ
վէպը
(7)
ինքզինքը
իրացուց,
առանց
տեսաբաններու
աղմուկին
ու,
ինչո՞ւ
չըսել,
սնոտիին։
Էապէս
անկումի
երեւոյթ(8),
քննադատութիւնը
հիմա
իրեն
տուած
է
գերագահութիւն
մը,
որ
վիրաւորիչ
ըլլալու
չափ
եւ
աւելի՝
վտանգաւոր
է
մերինին
նման
աղքատ,
օրգանիք
միութենէ
զուրկ
գրականութեան(9)։
Ոչ
մէկ
ատեն
գիրքէ
ու
արուեստէ
հասկցողներու
այսքան
առատ
թիւ,
որ
միացած
ըլլայ
այսքան
ամբարտաւան
տգիտութեան։
Որո՞նք
են
այս
ճախնային
բուսարձակութեան
պատճառները,
երբ
միւս
կողմէն
ստեղծող
աւիշը
ցամքած
է
բոլորովին։
Ինչո՞ւ
այս
անպատասխանատու
գիրքերը
վերջին
քանի
մը
տարիներու
ընթացքին՝
նուիրուած
մեր
գրողներուն
պաշտամունքին,
երբ
տասը
տարի
կայ,
որ
մեզի
իրական
հազիւ
քանի
մը
գիրք
եկած
ըլլայ։
Այս
հարցումներուն
դիւրին
ու
պատրաստ
են
պատասխանները։
Բայց
քիչեր
պիտի
մտածեն
երեւոյթը
կապել
այն
խոր
անկումին,
ուր
մխրճուած
է
մեր
միտքը,
այսքան
հսկայ
աղէտներէ
ետքը։
Հիմա
մեր
հոգին
-արուեստով
տաքնալու
ընդունակ
մասին
է
խօսքս-
բաժանուած
է
երկուքի։
Հիները,
որոնք
իրենց
շրջանն
ու
փառքին
փոշիները
կ՚որոճան
ու
նորերը,
որոնք
հեռացած
են
արդէն
իրենց
ցեղին
աւազանէն
ու
լեզուով
միայն
կը
կապուին
աւանդութեանը։
Նպատակ
չունիմ
հակադրելու
այս
բաժինները
իրարու։
Դիտել
կու
տամ
միայն,
որ
քննադատութիւնը
գրեթէ
հաւասար
չափով
վարակած
է
երկու
հատուածներն
ալ(10)։
Ու
պարզ
ըլլալու
համար,
իրողութիւններ։
Ինծի
պէս
շատերու
ուշադրութեան
առարկայ
դարձած
ըլլալու
է
նորութիւնը,
որ
քսան
մը
տարիներէ
ի
վեր
կը
դիտուի
մեր
մէջ,
քիչ
մը
ամէն
կողմ,
ու
կը
հետեւի
մեր
գաղթականութեան
հոսանքին։
Թերթ
հիմնելու
մոլութեան
հետ
նոյն
գիծի
եկող
այս
աղանդաւոր
եռանդը
անհանգիստ
կ՚ընէ
մանաւանդ
մեր
բանի
ու
բառի
ասպետները,
(11)
որոնք
իրենց
խանդին
համար
քիչ
գտնելով
ընկերաբանական,
քաղաքական,
ֆէթիշ
բառով
մը՝
հասարակագիտական
բանախօսութիւնները,
վսեմ
զոհաբերո՛ւմը
կ՚ընեն
իրենց
ուժերուն,
սպասարկելով՝
«բանին
քարոզչութեան»,
ու
կ՚ընծայաբերեն
«իրենց
ովսանը»
մեր
գրականութեան։
Անոնք
կը
խօսին,
բեմէ
բեմ
ու
քաղաքէ
քաղաք,
մեր
գրագէտներուն
վրայ,
անդիմադրելի
լրջութեամբ։
Ու
անփոխարինելի
է
իրենց
պարզամտութիւնը,
առանց
դոյզն
տարակոյսի
մը
ստուերին,
որ
քիչ
մը
խռովք
նետէր
իրենց
միապաղաղ
տգիտութեան։
Ասիկա
այսպէս
էր
Պոլիս,
սկսելով
Եսայեան
սաներու
սարքած
ասուլիսներէն,
որոնց
մէջ
ականաւոր
ու
չականաւոր
մարդիկ
իրենց
գիտցածէն
ու
չգիտցածէն
բաժին
կը
հանէին
հասարակութեան։
Ու
ոչ
ոք
մտածեց
առնուազն
այն
անտեղութեան
վրայ,
որուն
նմոյշը
կու
տային
տարրական
մշակոյթով
քերթողներ,
երբ
փոխանակ
ստեղծելու՝
քննելու
եւ
դատելու
կ՚ելլէին։
Ասիկա
այսպէս
է
եւ
այսօր.
Նիւ
Եորքէն
Փարիզ,
մինչեւ
Ֆրանսայի
համեստ
մէկ
գիւղաքաղաքը։
Ու
անոնք,
որ
իրաւունքը
ունենալ
կը
թուէին
խարանելու
այս
իմացական
շանթաժը,
իրենց
յատուկ
հաշիւներով
լուռ
մնացին։
Դեռ
չլսեցինք
ձայն
մը,
որ
պոռար
այդ
մարդերուն՝
վնասակար
այդ
առաքելութեան
հետեւանքներուն
մասին։
Շնորհակալ
ենք
իրենց,
երբ
կը
փորձեն
նիւթապէս(12)
մեր
գրական
հարստութիւնները
տարածել
լայն
խաւերու
սիրոյն
ու
կը
շարժեն
մետաղէ
դուռներու
սառնութիւնը։
Շնորհակալ
ենք
իրենց,
երբ
մանաւանդ
կը
հրաժարին
դատաստանէ,
վճիռէ,
գովեստէ
կամ
պարսաւէ։
*
*
*
Քննադատը,
ամէն
տեղ,
բայց
մասնաւորաբար
մեր
մէջ
կը
նոյնանայ,
զայն
գերազանցելու
չափ,
հրապարակագիր
տիտղոսուած
միւս
փորձանքին
հետ։
Ասոր
ազդելու
միջոցները,
գռեհկութիւնը,
տգիտութիւնը,
յաւակնութիւնը
իրենց
լրումին
կը
հասնին
օտար
քաղաքակրթութեանց
մէջ,
ուր
իմացական
կեանքին
բազմազան
արտայայտութիւնները
մշտական
զբաղում
կը
հայթայթեն
մտքի
այդ
պաշտօնատարներուն։
Ուտող
ու
սպառող
դասակարգ՝
անիկա
ամրապէս
կը
փաթթուի
իր
գիրքերուն(13)։
Մեր
մէջ
անիկա
աչքի
կ՚իյնայ
բազմագունակ
գոյութեամբ
մը։
Քանի
մը
տիպարներ,
որոնք
ընդհանուր
են
բաւական,
իրենց
մէջ
ընդունելու
համար
իրենցմէ
դուրս
երանգներ
ու
ստորաբաժանումներ։
Ամէնէն
առաջ,
անիկա
ինքզինքը
ամբողջովին
իրացուցած
գրագէտ
մըն
է,
որ
կը
շարունակէ
պատրանքը
դիմացնել
ու
ստեղծագործ
գետինէն
պրպտողներուն
բանակը
անցնելուն
մէջ
ինքզինքը
նուաստացած
չ՚ընդունիր։
Այդ
է
պատճառը,
որ
երբեմն
զինք
կը
տեսնենք
իր
նախորդ
յարդարանքին
մէջ,
քերթելով
կամ
վիպելով։
Ուրիշ
անգամ,
անիկա
կէս
ճամբան
մնացած
գրագէտ
մըն
է,
որուն
ուժերը
դաւած
են
իրեն
առաջին
օրէն
իսկ
ու
չէ
կրցած
ասպարէզին
լիագրաւ
մտապատկերը
տալ
իր
ուղեղին։
Բայց
յաւիտենապէս
պատրանաւոր
գրած
է,
կը
գրէ,
պիտի
գրէ
վէպ
ու
քերթուած,
դիւցազներգութիւն
ու
ողբերգութիւն,
պատմութիւն
ու
կրօնագիտութիւն,
թերթօն
կամ
տարրաբանութեան
դասագիրքեր։
Իրեն
համար՝
խտիր
չունենալուն
չափ
գոյութիւն
ալ
չունին
սեռերը։
Անոր
նշանաբանն
է
ծառայել
մուսաներուն
ու
հայ
դպրութեանց,
նոյն
մեծսիրտ,
ողիմպիական,
«գուրգուր»
պաշտամունքով։
Մօրուք
մը
(կրնայ
պակսիլ),
տարիներու
բաւական
շատկեկ
սթոք
մը
(մշտապէս
մանուկ
մնացողներ
ալ
կը
համրէ
եղբայրակցութիւնը,
մտքով
ու
մարմնով),
օրաթերթերու
եւ
հանդէսներու
ուղղափառ,
ճշդապահ,
անխուսափելի
յաճախանք
մը,
որուն
մէջ
հետապնդուած
սնափառութեան
քանակը
սրտառուչ
ըլլալուն
չափ
անխելք
ալ
է,
աս
ու
ան
միջոցներով,
վանքէն
կամ
հօրը
գրպանէն,
բարերարի
մը
թաքուն
կամ
հանրային
հաստատութեան
մը
ճարտարօրէն
ծռուած
աղբիւրէն
հայթայթուած,
ու
դեռ
ով
գիտէ
ինչ
տխուր
պայմաններով
աշխարհ
տեսած
մեծ
ու
պզտիկ
հատորներ,
հոգ
չէ
թէ
ճղճիմ
պրոշիւր
մըն
ալ
իր
նիզակը
տնկէ
քանակին
մէջ,
ու
տակաւին
աւելի
թշուառ
ու
խեղճ
բաներ
բաւական
են
մասնաւորելու
այս
գիծին
հերոսը։
Այսպէս
եղերական
իր
ծագումին
ամբողջ
դառնութիւնը
անիկա
կը
սքողէ
անյիշաչար
ազնուականութեամբ
մը։
Մոռնալը
մեծն
է
առաքինութիւններուն,
ու
ասիկա՝
գրական
կիսաշխարհին
մէջ
աւելի
քան
ճիշդ
է
կ՚ըսեն
գրողները։
Ինք
գործնապէս
կը
ծառայէ
վարկածին։
Ատկէ
դէպի
բարերարութիւնը
քիչ
է
ճամբան։
Ու
ահա
անիկա,
զտուած
ու
օծուն,
անսպառ
ու
ամենահաս։
Անշահախընդիր
ու
մեծհոգի։
Անհուն
է
իր
ներողամտութիւնը։
Քանի
մը
տարին
անգամ
մը
միայն
կը
վտանգէ
իր
միապաղաղ
պայծառութիւնը
եւ
կը
հայհոյէ
առանց
զգալու,
թէ
որքան
ու
միշտ
ուրիշ
բան
չէ
եղած,
բացի
այդ
կիրքի
պահուն
ցոյց
տուած
գռեհկութենէն։
Բայց
անդրադարձը
շուտ
է,
որ
տեղի
կ՚ունենայ։
Ժամանակը
կը
քաւէ
մեր
մեղքերը,
մանաւանդ
մեր
փոքրոգութիւնը։
Ու
պէտք
չէ
զարմանալ,
երբ
զինքը
կը
տեսնէք
իր
հայհոյածը
փառաւորելու
իսկապէս
քրիստոնէավայել
վեհանձնութեան
մէջ։
Վասնզի
իր
յաւիտենական,
տիրական,
նուիրական
զբաղումը
գովելն
է։
Ու
կը
գովէ
սկսելով
առաջին
աստիճանէն։
Ամէն
նոր
եկող
անոր
համար
տաղանդ
ունի
անպատճառ։
Զարմանալի
է
իր
հոտառութիւնը
ու
չ՚ափսոսար
իր
սխալներուն,
երբ
իր
«յայտարարած»
տաղանդները
իրեն
պէս
մնան
ճամբուն
իսկ
սկիզբին(14)։
II
Մեր
մէջ
քննադատին
կարծիքները
որբերու
կը
նմանին։
Չունի
զանոնք
պաշտպանելու
գիտակցութիւնը։
Ու
անոնք
իրենց
անփոյթ
կեանքը
կ՚ապրին
իրենց
գիրէ
վարշամակներուն
մէջ։
Երբեմն
յոբելեանի
մը
ծիրանին
կու
գայ
այժմէութիւն
հագցնելու
անոնց։
Բայց
դժբախտութիւնը
կը
շարունակէ
տեւել։
Վասնզի
գաղափարները
յոբելեանէն
չեն
ազդուիր։
Մենք
այդ
պսակը
կ՚ընծայենք
մարդերուն
տարիքին,
ճարտարութեանը
եւ
ոչ
թէ
գործին,
զոր
կ՚անգիտանանք
յայտնի
կամ
քողարկուած
արհամարհանքի
մը
մէջ,
որուն
ճակատագրուած
է
մեր
մէջ
իմացական
ամէն
վաստակ,
արժանաւոր
կամ
ապարժէք։
Բայց
պսակաւոր
կամ
ոչ,
անիկա
կը
յաջողի
իր
անձը
զետեղել,
տիտղոսել
ու
անցնիլ
իբր
կարեւորագոյն
դէմքը
մեր
գրականութեան(15)։
Ու
իբր
այդ,
ամէն
տեղ
է,
ամէն
բանի
մէջ,
որ
կը
շահագրգռէ
հայ
միտքը։
Ու
հոդ
է,
որ
իրեն
օգտակար
կը
դառնան
իր
տիտղոսները,
վկայականները,
որոնք
փոյթն
է
ունեցած
ապահովելու
կանխահոգ
իմաստութեամբ
մը։
Ու
անոր
գրպանները
լիքն
են
ամենաբոյժ
տարազներով,
զորս
գիտէ
օգտագործել
մեծ
աչալրջութեամբ,
տեղին
ու
պէտքին
համաձայն։
Անիկա
գրեթէ
միշտ
իր
կռնակը
տուած
է
քաղաքական
կուսակցութեան
մը,
մեծ
կամ
պզտիկ,
նոյնն
է
պարագան։
Այս
զիջումով(16)
անիկա
իր
ձեռքին
տակ
մշտապատրաստ
կը
պահէ
օրական
մը,
(17)
որ
իրեն
համար
կենսական
է։
Առանց
անոր
դժուար
թէ
ապրէր։
Այս
ապահովութիւնը
իրեն
կ՚ընծայէ
ներքին
հանգիստ,
ինքնավստահութիւն։
Ատոր
համար
ալ
անիկա
միշտ
կէս
հրապարակագիր
է։
Իր
գաղափարնե՞րը։
Բայց
ինչ
հարկ
աշխատանքի։
Օրաթերթը
կը
բաւէ
իր
ցանկութիւններուն,
իրեն
կը
բերէ
ներշնչում,
պակսած
պարագային՝
յարձակման,
գրոհի
պատեհութիւն։
Ու
պէտք
չունի
գիտնալու։
Գիտէ,
ինչ
որ
գիտեն
գրականութեանց
«առձեռն»ները
(manuel)
ու
կու
տան,
երբ
ճարպիկ
են
զիրենք
կողոպտելու
մէջ։
Չի
կարդար,
ոչ
թէ
չսիրելուն
(բոլոր
իմացապէս
ծոյլերուն
նախասիրութիւնն
է
ուրիշները
կարդալ),
այլ
ժամանակի
խնայողութեան
համար,
այն
ժամանակին,
զոր
գիտէ
հիւլէ
առ
հիւլէ
բեղմնաւորել
արուեստին
օտար
շահադէտութեանց
մէջ։
Յատուկ
անուններու
բառարան
մը
իր
մօտ
կը
փոխարինէ
անձնական
խորհրդածութիւնը
կամ
պարկեշտ
պրպտումը։
Այդ
անտառներուն
յաջողակ
բաշխումը,
յօդուածի
մը
զանազան
անկիւնադարձերուն
կամ
ճակատամասերուն,
իրեն
կ՚ապահովէ
լայն
արդիւնքներ։
Այդ
նշանաւոր
անձերը
անոր
էջերը
կ՚ընեն
հնչական
ու
զօրեղ։
Ո՛չ
միայն
անուններ։
Պատրաստ,
փորձուած
տարազներ
կ՚ազատեն
զինքը
մտածելու
միշտ
դժուար
հարկէն
ու
իրենց
ճարտար
ագուցումովը
կը
փրկեն
իր
գրածին
tenueն
*
։
Հաճելի,
սահուն
ոճին
անիկա
յաճախ
կը
միացնէ
ողջմտութիւն,
ջերմութիւն,
կիրք։
Այն
ատեն
պէտք
է
հիանալ
իր
խոյանքին՝
որով
կը
զգետնէ
հակառակորդը
փաստերու,
ընկալեալ
ու
անառարկելի
ճշմարտութեանց
հեղեղի
մը
տակ։
Հոդ
անհաւասարելի
է։
Ու
չի
զգար,
թէ
անկիրթ
եղած
է,
տղայական
եղած
է,
ու
չ՚ըմբռներ,
թէ
հասարակութեան
հետ
մարդ
իրաւունք
կ՚ունենայ
շատ-շատ...
բաղնիքին
մէջ։
Թէ
արուեստը
անձնական
է
ու
առնելիք
տալիքը
քիչ
է
անոր՝
ամբոխին
հետ։
Պատգամներէն
ախորժելու
չափ,
կ՚ախորժի
լայն
ու
մօրուտ
ջուրերէն։
Կը
ծանծաղի
հեշտութեամբ
ու
զմայլագին
կը
թարթափի
հասարակատեղիքի
հարթավայրերուն
մէջ։
Այն
ատեն
է,
որ
կը
յաւակնի
սորվեցնելու
դպրոցի
սեղաններէն
կամ
հեռաւոր
ընթերցումներէն
մկրատուած
խրատները,
ոսկեղէն
խօսքերը
մեծ
տաղանդով
կ՚արժեցնէ։
Երբեմն
ալ
բոլորովին
իմացական
ու
անսանձ
վազք
մը
կու
տայ
ինքզինքին
ու
կը
յանձնուի
քմայքին։
Ու
այն
ատեն
բառ,
մտածում,
նոյնիսկ
լեզու
կը
յօրինէ,
բառարան
յօրինելու
նոյն
դիւրութեամբը,
ու
ասիկա՝
անհասելի
պարզամըտութեամբ
մը։
Այս
գնացքը
առաջնորդած
է
մինչեւ
իսկ
յիմարութեան։
Ուրիշներ
հատորը
կը
կապեն
հատորին
ետեւէն
(թիւը
երբեմն
տասը
կ՚անցնի),
բոլորն
ալ
գրագէտներու
գործին
ու
կեանքին
նուիրուած։
Կը
կարդաք։
Բայց
երբ
կ՚աւարտէք,
կը
զարմանաք,
որ
ոչինչով
աւելցած
էք։
Ու
կը
ստիպուիք
մխիթարուիլ
մէջբերումներուն
շահովը
միայն։
Մնացեալը,
ինչ
որ
քննադատին
անձնական
բաժինը
պիտի
կազմէր
եւ
որուն
վայելումին
համար
ճամբայ
էիք
ինկած,
խոտ
է
դժբախտաբար։
Մի
կարծէք,
թէ
ջրհեղեղէն
կը
խօսիմ։
Տիպարը
ամէն
տեղ
է
հիմա։
Անոր
ստորագրութիւնը
փառքի
ու
պատիւի
տիտղոս
մըն
է
օրաթերթին,
որ
կը
հիւրընկալէ
մտքի
այդ
չնաշխարհիկ
արդիւնքները
մեծ
շուքով(18)։
Կու
տայ
անոր
տիրոջը
քսան
տարի
առաջուան
մէկ
լուսանկարը,
գռուզ
ու
երիտասարդ,
մեծադիր
ու
autographeով
**
անմահացած։
Անոր
կը
նուիրէ
կենսագրական
երկու
լեցուն
սիւնակ,
ուր
հանրային
պաշտօններ,
թուականներ՝
գիրքերու
տպման,
գեղեցիկ
տիտղոսով,
դեռ
անտիպ
երկասիրութիւններ,
լայն
ու
առատ
ծանօթագրութիւններ
իրարու
կը
հիւսուին։
Ու
ասիկա
այսպէս՝
«ի
սփիւռս
աշխարհի»
լոյս
տեսնող
«հայաթերթերուն»
մէջ։
Ո՛չ
տարիքը,
ոչ
ալ
քառորդ
դարը,
որ
կը
բաժնէ
այդ
մարդերը
սիւնակին
պատկերէն
ու
երիտասարդ
օրերէն,
չեն
կրնար
պղտորել
այս
խաղաղ
վերափառքը(19)։
Տեսակ
մը
ներքին
խանդաղատանք
զանոնք
իրարու
մօտ
կը
խմբէ,
գերմարդկային,
ու
սովի
մօտիկ,
իմացական
սա
վերջալոյս
վայելքին
համար։
Ու
եթէ
անոնցմէ
քիչերուն
պիտի
վիճակուի
անմահութեան
ծիրանին,
ուրիշներ,
շատերը
այսինքն,
պիտի
տանին
այս
ցայգալոյսը
շնորհով
եւ
իմաստութեամբ,
իրենց
մարդերուն
հիացական
մրմունջին(20)
մէջ
եւ
զրահուած
արհամարհոտ
վեհանձնութեամբ
մը
շրջապատի
այն
մասին
դէմ,
որ
կ՚ուրանայ
զիրենք։
Ողջ
ըլլան
օրաթերթերը,
ամերիկեան
կամ
ոչ,
նոյնն
է
պարագան։
Կայ
տակաւին
ուրիշ
խմբակ
մը,
որ
շատ
մը
բաներ
ըլլալուն
հետ,
քննադատ
ալ
է։
Անիկա
մղուած
է
այդ
արկածախնդրութեան,
ամէնէն
շատ
հրապարակագրական
հոգերէ։
Այս
ժողովուրդը
դաստիարակելու,
մանաւանդ
քաղաքավար
ընելու
իր
մեծ
հանգանակին
մէկ
յօդուածն
ալ
անոր
գրական
դաստիարակումին
հարցն
է։
Անլուր
է
իր
մտքին
աղքատութիւնը
ու
անպարփակ՝
իր
միամտութիւնը։
Այդ
պատճառաւ
անիկա
բողոքական
պատուելիի
մը
պէս,
ամուր
ու
անայլայլ
կը
պատգամէ
իր
էսթէթիքան,
ժողովրդական
օրաթերթերու
մէջ
լայն
սիւնակներ
գրաւելով։
Կը
հասկնայ,
իր
կարծիքն
է,
մեր
մատենագրութիւնը,
կը
վերլուծէ
մեր
մատենագիրները
եւ
իր
քարոզները
հիացումով
կ՚ընդունուին…
ռնգեղջիւրներէն,
օրինակ
մը
տալու
համար։
Այս
ծերութենէն
յետոյ,
որոնք
մարզուած
էին
Մխիթարեան
վերջին
մեթոտներով
ու
առնուազն
կը
ճանչնային,
կարդացած
ըլլալով,
մեր
դասական
մատենագրութիւնը,
ուշագրաւ
է
միւս
դասակարգը։
Աւելի
արդիական,
ան
իր
յաւակնութիւնները
կը
հանգչեցնէ
պատուոյ
տիտղոսներու
վրայ,
այլապէս
ոսկեզօծ
ու
յոխորտ։
Տարիներով
սպասաւորութիւնը
ըրած
է
եւրոպական
համալսարանի
մը,
պսակուած՝
անոր
մագաղաթովը։
Ջուրի
պէս
գոց
գիտէ
գրականութեանց
պատմութիւնը,
գրական
բոլոր
իրադարձութիւնները,
դպրոցները,
սեռերը,
եւ
անոնց
բարեշրջութիւնը,
գերմանական
խղճմտութեամբ,
բայց
դժբախտաբար
դարձեալ
ջուրի
պէս։
Բայց
մա՛նաւանդ,
աւելի
ըլլալով,
ան
ծովացած
է
ուրիշ
կալուածի
մը,
մէջ,
որուն
անունը
կ՚արտասանէ
երկիւղած
սարսուռով։
Ընկերային
գիտութեանց
մասնագէտն
է
ան,
քննադատ
ըլլալէ
առաջ։
Ու
հաւատարիմ
է
իր
դարուն
ոգիին,
որ
գիտական
է
անպատճառ։
Բայց
չ՚արհամարհեր
պատմութիւնը,
որուն
դէմ
իր
լուրջ
կեցուածքը
նպաստ
մըն
է
իր
տատանումներուն
կշիռին։
Յայտնի
հպարտութեամբ
մը
կը
սիրէ
ճառել
իմաստութենէ։
Կը
հաւատա՞յ
իր
ըրածին։
Չէ
կարելի
ժխտել
իր
հաւատքը,
վասնզի
դոկտորներու
քանակը
պակսելու
տեղ
կ՚աւելնայ
հրապարակին(21)
վրայ։
Երբ
Նոր
Աշխարհէն
առած
է
ան
իմաստութեան
սերմերը,
յաճախ
պիտի
ուրանայ
իր
ցեղը,
մինչեւ
այդ
փոյթ
ունենալով
սակայն
թերթերու
մէջ
ստորագրել
ամէն
բանի
շուրջ
valable
[1]
յօդուածներ։
Ու
եթէ
անիկա
փորձէ
մօտենալ
մեր
գրականութեան,
իր
մարտկոցներէն,
պիտի
ընէ
ատիկա
չտեսի
մը
ամբաստանութեամբը։
Այդ
կրակին
տակ,
որ
ամերիկեան
համալսարաններէն
կ՚ուղղուի
մեր
խեղճ
մշակոյթին
վրայ,
ան
երբ
ամէն
ինչ
փոշի
կը
գտնէ,
չի
մեղադրեր
ինքզինքը(22)։
Ամերիկայի
մեծ
ու
փոքր,
արեւմտեան
ու
արեւելեան
համալսարանները
բաւական
արտածած
են
արդէն
այդ
ապրանքէն։
Ու
հոն
են
անոնք,
հպարտ
ու
սառած,
իրենց
գիտելիքներուն
անսպառ
մթերքովը,
գիտունի
լրջութեամբ
եւ
ուսուցչապետի
ոճերովը(23)։
Այս
տարրերը
կը
բաւեն
յարացուցելու
համար
սերունդին
ստորոգելիները։
Անոր
մէկ
ուրիշ
փոփոխակն
է
Արեւմուտք
տեսած
ու
յետոյ
մեր
ժողովուրդին
դարձած
այն
երիտասարդութիւնը,
որուն
ստուարագոյն
տոկոսը
գնաց
զինուորելու
մեր
կուսակցական
գրականութեան(24)։
Եթէ
ան
արդար
փառքի
մը
տարաւ
քանի
մը
անուններ,
գլխաւորաբար
քերթողական
կալուածէն,
չի
կրնար
ազատիլ
հսկայ
մեղադրանքէն,
զոր
շատոնց
կ՚ընեն
իր
հասցէին։
Կարելի
չէ
գրիչի
հարուածով
լուծել
հարցը։
Ստոյգը
ան
է,
որ
մենք
գրեթէ
չունինք
վաւերական
գրագէտ
մը,
որ
դուրս
մնացած
ըլլայ
կուսակցութեանց
նպաստէն
ու
աճի։
Միւս
կողմէն
վճռական
փաստ
մըն
է
Օտեանի
Փանջունին։
Ուրիշ
աւելի
փոքր
տոկոս
մը
նոյն
այդ
երիտասարդութենէն,
որ
ընկերային
գիտութեանց
իր
մշտատեւ
ընթացքին
հետ
յամառեցաւ
մաշեցնելու
Սորպոնի
աթոռները։
Պանդոյր
ու
ինքնաբաւ,
ան
մտիկ
ու
նոթ
միայն
ըրաւ։
Որոճաց
ու
երազեց։
Ու
օրին
մէկը,
երբ
դուրս
ելաւ
անկէ,
տեսաւ,
որ
չէր
աւելցեր։
Անոր,
ինչպէս
բոլոր
համալսարանականներուն
կը
մնար
մէկ
ճամբայ
-
քննադատութիւն։
Դէպի
գրականութիւն
այս
պարտադիր
զառածումին
կը
պարտինք
այն
մեծիմաստ,
փղձկուն,
երջանիկ
դատումները
արուեստին
ու
կեանքին
վրայ,
որոնք
ամիսը
մէկ
կամ
քանի
մը
հեղ
լոյս
տեսնող
թշուառ
թերթերու
անկիւններէն
կը
հծծուին
մեզի
եւ
որոնք
իրենց
ընդոծին
խեղճութեան
կ՚աւելցնեն
միայն
ու
միայն
բառ
ըլլալու
դժբախտութիւնը,
վասնզի
հիմա
բառ
աղալն
ալ
արուեստ
կը
սեպուի։
Ու
եղերականը
հոն
է,
որ
բարձրագոյն
կրթութեամբ
վատասերած
այդ
տղոցը
մօտ
չէ
մարած
սրբազան
պատրանքը։
III
Բարձրագոյն
մշակոյթին
բարիքներէն
այլապէս
նպաստաւորուող
ուրիշ
խումբ
մը,
որուն
գործունէութեան
դաշտը
կը
մնայ
առաւելապէս
մեր
երկիրը(25),
չէ
կրցած
արդարացնել
իր
այլամերժ,
գրեթէ
աղանդաւոր
կեցուածքը։
Պատգամով,
քարոզով,
մրցանակներով
գրականութիւն
ստեղծելու
իր
միամիտ
եռանդը
գուցէ
կանխահաս
ըլլայ
դատապարտել։
Բացի
ուղղագրական
թնճուկին
մէջ
իր
ցոյց
տուած
կորովէն
ու
ձեռներէցութենէն,
չենք
կրնար
ի
հաշիւ
անոր
յաղթանակներ,
նոյնիսկ
նուաճումներ
արձանագրել։
Տասը
տարի
կայ,
որ
հոն
միջակէն
վեր
գործ
չ՚երեւար։
Ընդհակառակն։
Առայժմ
ստոյգ
է
մեզի
համար
այդ
սերունդը
սպաննած
է
արեւելահայ
վէպը(26),
որ
հիմա
անոնց
մօտ
անպատասխանատու
պատմում
մըն
է,
ենթակայ
բոլոր
ժխտական
մղումներու։
Առնուազն
յիսուն
տարի
ետ
նետուած
է
անոնց
քնարերգութիւնը,
որ
կիսադարեան
իր
բարեշրջութեան
ընթացքին
այնքան
խեղճ
ու
աղքատիկ
էր
ապրեր
ու
Վ.
Տէրեանով
վախկոտ
ճիգ
մը
կ՚ընէր
արդի
բարդ
զգայնութեան
մօտենալու։
Անոնք
թատրոն
չունին,
վասնզի
գրական
սեռերէն
ամէնէն
բազմապահանջն
է
անիկա
ու
միջակութիւն
չի
վերցներ։
Բայց
ամէնէն
աւելի
թոյլ,
գրեթէ
տղայական
դուրս
եկան
քննադատական
մարզին
վրայ։
Ու
անհասկնալի
է
այս
տկարութիւնը
երակի
մը
մէջ,
որ
յեղափոխութեանց
ընդհանուր
կշռոյթը
կ՚որոշադրէ։
Յեղափոխութիւնը
քննադատութիւնն
է
գործի
վերածուած։
Ան
ամէն
երեւոյթ
քննադատութեան
ենթարկելու
իր
հզօր
թափին
մէջ
աննուաճ
կամք
կը
սպառէ։
Տարածել
այս
կամքը
արուեստի
կալուածին,
տապալել
եղածը
հուժկու
լոյսովը
նոր
գաղափարներու,
խմորումներու,
-
ոչինչով
էր
արտակարգ։
Բայց
մերինները
խոշոր
հարուածներ
ի
զուր
վատնեցին։
Ու
իրենց
լաւագոյնը
գործածեցին
կուսակցական
հալածանքը
կազմակերպելու։
Իրենց
սպառումը
արդիւնք
է
այս
եռանդին։
Երկրորդաբար
կարելի
է
բացատրել
այս
նուազումը,
զայն
կապելով
իմացական
ընդհանուր
անարիւնութեան,
որ
կ՚ընկերանայ
մարմնական
բոլոր
բուռն
շարժումներու
եւ
մտքին
վրայ
կ՚անդրադառնայ
զարհուրելի
միջակութեամբ
մը։
Մեծ
սպանդներէն
ետքը
միտքը
կը
լռէ։
Ասիկա
այդպէս՝
Հռովմէն
սկսեալ
մինչեւ
89ի
յեղափոխութիւնը։
Այդ
շրջանը,
իրեն
յաջորդ
կայսրութեան
մեծ
փողոտումներովը
ոչ
մէկ
գրագէտի
դէմք
ցայտեցուցած
է։
Անշուշտ
մեր
տկարութիւնը
չեմ
բաղդատեր
մեծ
ազգերու
մօտ
դիտուած
այս
պատահական
դադարին։
Միւս
կողմէն
չեմ
ալ
սպասեր,
որ
արհամարհուած
Արեւմուտքին
մեթոտները
կրկնուին,
քանի
որ
ատկէ
առաջ
արդէն
աւլուած,
սրբուած
են
բոլոր
հին
ախտակները
ու
ասոնց
հետ
քննադատութեան
ալ
տարազները։
Բայց
անոնք,
որ
Խորհրդային,
այսինքն՝
վեցերորդ
աշխարհամասը
կ՚այցելեն,
կը
պատմեն
հոն
կատարուող
աշխատանքին
մասին,
ու
լաւատես
են
ու
հարուստ
մեծ
ստեղծումներու
հեռանկարով։
Ինչո՞ւ
մեզի
միայն
յատուկ
ըլլայ
այս
գռեհիկ
ինքնաբաւութիւնը։
Վասնզի
աշխարհի
բոլոր
յեղափոխութիւնները
չեն
փրկեր
միջակութիւնը։
Բայց
դպրոցը
կասկածն
իսկ
չունի
կատարուածին
խեղճութեան։
Ասկէ
թերեւս
իր
յաւակնութիւնը։
Այդ
քննադատութիւնը
անողորմ
վճիռներ
ունի
մեր
գրականութեան
կրկին
հատուածներու
ոգիին
ու
արժէքին
վրայ։
Մանաւանդ
չար
ու
թունոտ
է
իր
ատելութիւնը
ներկային
դէմ,
զոր
չափով
մը
կը
հասկնանք։
Ներկան
ուրանալ
կամ
ամէն
բան
անոր
մէջ
սեւ
տեսնել,
քաջութեան
վկայագիր
մըն
է
կարգ
մը
մարդոց։
Կրկնակ
այդ
պոռոտութենէն
երկննալ
մինչեւ
անգթութիւնը
ու
ըսել
բուռն,
անիրաւ
բաներ։
Հոս՝
չենք
վրդովուիր։
Բայց
պարագան
կը
փոխուի,
երբ
մարդիկ
այդ
տրամադրութիւնը
ուզեն
տարածել
անցեալին
ալ
վրայ
ու
դատել
մեռելները
այդ
դիտարանէն,
այդ
չափանիշով,
ու
այս
ամէնը՝
նոյն
անպատասխանատու
յանդգնութեամբ,
փաստ
մըն
է
մտքի
անդարմանելի
գաճաճութեան
մը,
կրացումի։
Ինչո՞ւ
չեն
կասկածիր
այդ
մարդերը,
թէ
հակառակ
մեր
բոլոր
հայհոյանքներուն
կամ
բարեացակամութեան,
հակառակ
մեր
ճաթռտելուն,
չենք
հասնիր
մեռելներուն։
Անոնք
դուրս
են
մեր
բազուկներուն
պարունակէն։
Անշուշտ
անոնց
ու
երկրէն
դուրս,
համախոհներուն
համար
դժուար
չէ
բացատրել,
նոյնիսկ
չքմեղել
այս
տկարացումը
օգնութեամբը
կախարդական
տարազին,
փոխանցմա՜ն
քննադատութիւնը(27)։
Այո՛։
-
Բայց
ուրիշ
ըսելիք
չունենալնուս։
Պէտք
պիտի
ըլլայ
սպասել,
որ
անիկա
կազմաւորէ
իր
օրինագիրքը,
ամրապնդէ
իր
տեխնիկան։
Կրնան,
կրնային
մինչեւ
այդ
օրը
մնալ
համեստ,
ու
մա՛նաւանդ
հանդարտ
ձգել
մեր
մեռելները(28)։
Ու
ինչ
որ
կը
մտածուի
ու
կը
ճարուի
դպրոցական
կարիքներու
համար,
կը
կրկնէ
նոյն
խակութիւնը։
Նոթերու
այս
շրջանակը
զիս
չ՚արտօներ
զբաղիլ
այն
վիճաբանութիւններով,
որոնք
կ՚արծարծուին
Խորհրդահայ
մամուլին,
հոս
կամ
Երկիրը։
Այդ
փաստերը
երբեմն
միամիտ,
տղայական
ու
կեղծ,
երբեմն
գիտական
ջնարակով
մը
ցոլցլուն,
երբ
կ՚արտաբերուին
քիչ
մը
շատ
թեթեւ
կամ
շատ
լուրջ,
կոճկուած,
գիտնական
մարդոց
բերանէն,
կը
խրտչեցնէ
արուեստի
մարդերը,
որոնք
հակառակ
առաքինութիւններ
կը
փնտռեն
ու
կը
սպասեն
արուեստի
գործերէ։
Ամէն
գնով
գիտուկ
երեւնալու
այս
մոլորութիւնը,
էջերով
փաստերու,
պատմելու
փաստաբանութիւնը
հոն
կը
շփոթուի
իրական
քննադատութեան
հետ,
որ
յաճախ
իր
զօրութիւնը
կը
մեղմէ
արուեստին
կանանչովը։
Յաւակնոտ,
տարազներով
սպառազէն,
մեծ
անուններով
պահակուած
այդ
քննադատութիւնը
ամուլ
է,
բացարձակ
անկարութեամբ
մը։
Ու
հոդ
է
մեր
ցաւը։
Անիկա
դեռ
չտուաւ,
այսինքն՝
չթելադրեց
գործ
մը,
որ
արդարացնէր
պատգամները
ու
մանաւանդ
զինաթափ
ընէր
մեզ։
Ու
տեղն
է
կրկնել
հոս
իր
անփութութիւնը,
անխղճութիւնը
անցեալը
դատելու
մոլուցքին
մէջ։
Հեռու
եւ
վեր
եմ
զգայնիկ
ջրոտութենէն,
որուն
մշուշին
մէջէն
ոմանք
մեծ
կը
տեսնեն
մեր
միջակութիւնները։
Կատարուածը
անհասկացողութիւն
է,
գիտակցուած
կամ
ոչ։-
Արդիւնքը
կարեւոր
է
ինծի
համար։
Չէ՞
որ
ըստ
այդ
հանգանակին՝
Ռուբէն
Զարդարեան
հեղինակն
է
միայն
Կով
Առաքելին
(«Տան
սէրը»)։
Ու
դարձեալ
աւելորդ
չէ
դիտել,
թէ
գրական
մարզի
վրայ
այս
ժխտական
քննադատութիւնը
գիտական-բանասիրական
մարզին
վրայ
երեւան
բերած
է
լրջութիւն
մը,
որուն
համար
քիչ
է
գոհ
ըլլալը։
Հայաստանի
համալսարանի
այդ
բաժինին
աշխատանքը
կը
համառօտուի
տեղեկագիրի
մը
մէջ,
ուր
փորձուած
մեթոտը
իր
նորութեամբը,
փնտռտուքի
մէջ
հասուած
խորութիւններովը
օրինակ
կրնայ
հանդիսանալ
մեր
կարեւորագոյն
դպրոցին՝
Վիեննայի
Մխիթարեաններուն։
IV
Քննադատութեան
նուիրուած
այս
նոթերուն
շարքին
կարելի
չէ
չարտայայտուիլ
Վիեննական
Մխիթարեաններուն
մասին,
որ
վերջին
դարուն,
փորձեց
մեր
մէջ
մատենագրական-բանասիրական
հիմերու
վրայ
ընդարձակ
մեկնողական
շարժում
մը։
-
Հարիւրամեայ
այդ
փորձառութեան
արդիւնքը
դժբախտաբար
կշիռ
չունի
մեր
իմացական
կեանքին
վրայ,
այնչափով
որքան
որ
սպասելի
էր
այդքան
լուրջ
բռնուած
ու
ամուր
բազուկներով
հետապնդուած
ձեռնարկէ
մը։
Ոչ
մէկ
առարկութիւն
աշխատանքի
ըմբռնումի
մասին,
ու
մանաւանդ
այն
բաժինին,
որ
բնագիրները
կ՚ուսումնասիրէ(29)։
Բայց
կը
սպասենք,
որ
Արեւմուտքի
լուրջ
ու
կենդանի
մեթոտները
կիրարկուին
անոնց
մէջ
ալ,
մեթոտներ,
որոնք
կէս
դարու
մէջ
այնքան
բան
փոխեցին
մանաւանդ
պատմական
կալուածէն։
Ու
տասը
հատ
չեն
անոնք։
Ի՛նչ
որ
կարելի
ըրած
է
Հռովմի
ամբողջական
վերագիւտը
կամ
ի՛նչ
որ
աւելի
հին,
հիմնովին
անհետացած
քաղաքակրթութիւնները
վերբերած
են
ժամանակին
ծոցէն,
անշուշտ
չեն
սահմանափակուիր
պեղումներուն
նոյն
շնորհներովը։
Լատին
գրականութեան
գործերը
չեն
շատցած
հարիւր
տարիէ
ասդին
նոր
ձեռագիրներով։
Բայց
մարդիկ
անհունօրէն
աւելի
լաւ
կը
ճանչնան
Հռովմը,
քան
նշանաւոր
գրողը,
որ
խմբագրեց
անոր
մեծութեան
ու
անկումին
մասին
առաջին
համադրութիւնը։
Մտքէս
չ՚անցնիր
սնամէջ
ու
ջուրոտ
յօդուածագրութիւնը,
որ
վերջին
ատենները
մտաւ
մեր
մէջ,
անկասկած
գրագէտներու
քմայքովը
ու
կը
շփոթուի
պատմական
իմաստասիրութիւն
ըսուած
նոյնքան
սնամէջ
ու
իմաստէ
աղքատ
հէկէլեան
պոռոտախօսութեան
հետ։
Կը
հաւատամ,
թէ
ամէն
լուրջ
աշխատանք
կը
կռթնի
ամենախորունկ
հմտութեան։
Բայց
սխալը
այն
ատեն
կը
սկսի,
երբ
հմտութիւնը
կը
բաւարարուի
ինքնիրմով
կամ
կը
բռնէ
կեանքին
բաժինը։
Մերինները
դեռ
չեն
կասկածիր,
թէ
մատենագիրներու
ուսումնասիրութիւնը
կեանքի
արհեստ
մըն
է։
Թէ
մատենագրութեանց
պատմութեան
մը,
այնպէս՝
ինչպէս
ըրած
է
օրինակի
համար
Զարպհանէլեան(30)
կամ
պիտի
ընէր
Մ.
Գարագաշեան,
եթէ
իր
փառասիրութիւնը
զինքը
տանէր
այդ
մարզին
ալ
վրայ,
ըմբռնում
մըն
է,
որ
տասնութերորդ
դար
կը
բուրէ։
Թէ
հմտութիւնը
օտարներու
մօտ
կը
ծառայէ
առաւելապէս
հոգիի
գիւտին։
Անոնցմէ
վար
չեղող
մեր
գիտնական
աբբաներէն
ոչ
մէկուն
գործը
զերծ
է
այս
հողի,
փոշիի,
մատենադարանի
հոտէն,
որ
այնքան
խնամքով
կը
սքողուի
օտար
մեծ
հմուտներուն(31)
մօտ։
Դէպի
մասնագիտութիւն
այս
խորացումը
մեր
մէջ
շատ
տիլէթանթ
հաճոյք
մըն
է,
ու
ատով՝
կտրուած
կենդանի
իրականութենէն։
Ոչ
մէկ
վիեննական
կասկածն
ունի
իր
ոճին
այլանդակ
տգեղութեանը։
Ոչ
միայն
պարզ,
այլեւ
միջակէն
վեր
կրթութիւն
առածներ
չեն
կրնար
համ
ու
գոհացում
գտնել
նոթ
ու
առաքում
միայն
ներկայացնող
այն
հազարաւոր
էջերէն,
որոնք
«Ազգային
մատենադարան»
ընդհանուր
տիտղոսը
կը
կրեն,
լուրջ
ու
շատ
շահեկան
էջեր
շատ
անգամ,
բայց
զուրկ
ընդհանուր
գրութեան
մը,
իմաստի
մը
լուսաւորող
արեւէն(32)։
Ու
չեն
կարդացուիր
անոնք
գրողներէն,
որոնք
կեանքին
պաշտամունքը
ունին
բնազդական
ու
հզօր։
Խորհի՜լ,
թէ
ինչ
գեղեցիկ
արդիւնքի
պիտի
տանէր
նման
լրջութեամբ
ձեռնարկ
մը,
եթէ
բառերու
վրայ
վատնուած
կորովն
ու
խղճմտութիւնը
գործադրուէին
աւելի
լայն
պարագրկումներու
համար։
Հաւաքուէին
նախանիւթերը,
նշխարները
կարելի
խնամքով
ու
առատութեամբ։
Բայց
չգերեզմանուէին
տպագիր
էջերու
միւզէին
մէջ։
Ենթարկուէին
անոնք
հզօր,
թափանցող
խորհուրդներու
ճառագայթումին,
որ
թափէր
անոնց
վրայէն
ձեւին
կճեպը
ու
իջնէր՝
ոտքի
հանելու
հոգին,
որ
կորիզը
կը
կազմէ
աշխարհներուն,
մեռած
թէ
ողջ
ըլլան
անոնք։
Վերագտնուելիքը
ամբողջ
քաղաքակրթութիւն
մըն
է(33)։
Ու
կշիռ
ունի
այդ
հարստութիւնը
մեզի
համար,
որ
կ՚ամբաստանուինք
իբր
անժառանգ
ցեղ
մը
մեր
բարեկամ
թէ
թշնամիներէն(34)։
Ու
այդ
հարստութիւնը
բանաձեւով,
մարքսիզմով
դէն
շպրտուելիք
ապրանք
ալ
չէ։
Կը
փլին
ջրանցքները,
ելեկտրակայանները,
վերաշինութիւնն
ու
իր
հեքիաթները։
Բայց
կանգուն
է
խեղճուկ
ձկնորսը
Սեւանի
ափին
ու
անիկա
հաւատարիմ
կրկնութիւնն
է
իր
ամբողջ
գիծին
ու
կը
թարգմանէ
սոզին
այն
շատ
հեռաւոր
միւսին,
որ
ով
գիտէ
քանի
հազար
տարի
առաջ,
լիճէն
նոր
կորզած
էր
իշխան
ձուկը
երկիւղած
սարսուռով
մը,
առանց
աչքերը
վեր
ընել
համարձակելու,
նետեց
իշխանուհիի
մը
ոտքերուն։
Ու
կը
սպասեն
մեր
քարերը
այն
ձեռքին,
որ
իրենց
ձեւերը,
պաղ
հոգին
օր
մը
ազատագրէ
հազարամեայ
կախարդանքէն
ու
ըսեն,
թէ
ինչ
կռնակներէ,
ինչ
սիրտերէ
վերցուած
ու
դիզուած
են
հոդ,
աւերներու
ծոցը։
Ու
լեզո՜ւն
այն
խռովիչ
յիշատակարաններուն,
որոնք
մեր
գիրքերուն
վերջամուտները
կը
շինեն
ու
երբեմն
ամբողջ
թագաւորութեան
մը
տապանաքարը
կը
մնան։
Վերջին
քանի
մը
տարիներուն
այս
կարգի
թափանցումէ
մը
նմոյշներ
եկան
մեզի(35)։
Ուրախութիւն
է
հաստատել
մեթոտին
այս
վախկոտ
երեւնալը
մեր
մէջ։
*
*
*
Քննադատութիւնը
վարակած
է
նաեւ
յետպատերազմեան
սերունդը,
փափաքուած
են
աւելի
չափով
մը։
Ինծի
համար
վրդովիչ
չեն
անոր
ուրացումները,
սխալները,
անիրաւութիւնները,
որոնք
կը
նեղեն
նեղուողներ
միայն։
Դարձեալ
անոնց
համակրանքն
ու
պաշտումը
զերծ
չեմ
տեսներ
տղու
խանդէն
կամ
պարզասրտութենէն։
Այս
ծայրայեղութիւնները
քիչ-քիչ
կը
հարթուին
ժամանակին
ծոցին
մէջ։
Կարեւորը
այն
է,
որ
այդ
երկու
կեցուածքին
ալ
խորը
կը
պահուըտի
մեղապարտ
յաւակնութիւն
մը։
Գուցէ
ճիշդ
է
քիչ
չափով
հոգեկան
անձուկը
հաստատել,
որ
պատերազմէն
ետքի
սերունդինն
է
քիչ
մը
ամէն
ազգի
մէջ։
Բայց
ինչպէս
բացատրել
անոր
աղքատութիւնը,
որ
շրջուած
հարստութեան
մը
կը
վերածուի
ու
անոր
ըսել
կու
տայ
ծիծաղելի
ալ
խօսքեր։
Ուշագրաւ
էին
մէկ
քանի
տարի
առաջ
անոնց
խոստովանութիւնները
երիտասարդներու
յատուկ
պարբերաթերթի
մը
մէջ։
Ուրախութիւն
էր
տեսնել
անոնց
ինքնավստահութիւնը,
մատաղութիւնը
(jeunesse)։
Կը
կոտրէին,
կը
թափէին
յանուն
երկու
ճճի
պատկերի
կամ
պատմուածքի։
Բայց
չէին
անդրադառնար,
թէ
ինչ
ահաւոր
մտքի
բոպիկութիւն
կը
ցուցադրէին,
երբ
իրենց
մեծ
անձնաւորութեանց
կազմութիւնը
կը
վերյիշէի՜ն...
Ու
չէին
զգար
ամօթը
թարգմանութիւններ
անուանելու,
ցուցադրելու
համար
անդրագոյն
արմատները
իրենց
ուռճացած
տաղանդներուն։
Պէտք
չունիմ
կասկածի
տակ
ձգելու
անոնց
անկեղծութիւնը,
որքան
տգիտութիւնը(36)։
Բայց
մինչ
ուրիշներ,
մեր
թէ
օտարներուն
մէջ,
խնամքով
կը
ծածկեն
այդ
անասելի
աղքատութիւնը
գրելու
կոչուած
ուղեղի
մը
համար,
կամ
խելացի
են
զայն
փառքի
տիտղոս
մը
դաւանելէ
զգուշանալու,
մերինները
միամիտ
էին
նոյն
այդ
տգիտութեամբ
սպառնալու։
Բարեբախտաբար
կեանքը
իր
գիտցածէն
չի
շեղիր։
Անցան
տարիները
եւ
այդ
փառաբանուած
տաղանդներուն
մեծ
մասը
այսօր
իր
խանութին
սպասարկութիւնը
կ՚ընէ
անշուշտ
շատ
աւելի
խելքով,
որքան
չէր
եղած
ասիկա
մեր
գրականութիւնը
դատելու,
բանադրելու
հանդիսաւոր
պահերուն(37)։
Քանի
մը
անուններ
արդէն
սկսած
են
կշիռ
ունենալ(38)։
Ասոնց
մօտ
հաճոյք
է
հաստատել
այն
ահաւոր
աշխատանքը,
որ
այս
ընտրեալները
կ՚ընեն
իրենց
պակսածը
ճարելու։
Անոնք
ունին
հիմնականը
-
ո՛ճը,
ըսելու
ձեւը,
որ
վարդապետական,
ուսուցողական
մեկնողական
չէ
ոչ
ոքի
մօտ։
Անոնք
ունին
մանաւանդ
գիտակցութիւնը
իրենց
տկարութեան
ու
հետզհետէ
կը
դարմանեն
իրենց
տաճարներուն
ազազուն
սիւները։
Անոնք
սա
համատարած
անկումին
մէջ,
որ
մեր
միտքն
է
հիմա
հինգ
աշխարհներուն
ալ
վրայ,
կը
մարմնացնեն
մեր
կարելի
յոյսը։
Վասնզի
քննադատութիւնը
իրեն
ուրիշ
հոմանիշ
ալ
ունի
դժգոհ,
որոնող
աշխատանքը։
Յետոյ
անոնց
տաղանդին
շրջափոխութիւնը
տեղի
կ՚ունենայ
այլապէս
յորդ,
թելադրիչ
ու
ստեղծագործ
կեդրոններու
մէջ։
Ու
չունին
մանաւանդ
նախապաշարում,
աւանդութիւն,
ծերացած
վարժապետներ
ու
բորբոսած
լրագրողներ
իրենց
գլխուն
իբր
դասատու
եւ
առաջնորդ։
Մեծ
մայրաքաղաքներուն
նոյնիսկ
փողոցները
մեր
երկրորդական
վարժարաններու
բոլոր
դասերէն
աւելի
կ՚արժեն։
Ուշ
կամ
կանուխ
անոնք
պիտի
սիրեն
խորութիւնը,
ուրկէ
հեռու
կը
պահէ
զիրենք
լրագրութիւնը։
Ուշ
կամ
կանուխ
անոնք
պիտի
վարժուին
լրջութեան
ու
պիտի
նախընտրեն
անոր
հրապոյրը
իրենց
արդի
տարիքին
բռնկումներէն։
Անշուշտ
ոչինչ
ունին
սորվելիք
մեր
սերունդէն,
ինչպէս
որեւէ՛
սերունդ
ոչինչ
կը
սորվի
իր
նախորդէն։
Բայց
անհուն
է
իրենց
սորվելիքը
իրենցմէ։
Ու
կ՚ուզենք,
որ
զգան
ատիկա։
Երբ
տարիները
քալեն,
անոնք
իրարու
պիտի
պատմեն
իրենց
միամտութիւնները։
Երանի
իրենց,
երբ
անարդարութեան
խայթով
մը
չվիրաւորեն
իրենց
խաղաղութիւնը։
Անշուշտ
մարդ
չի
զղջար
իր
ըրածին
վրայ,
բայց
կ՚ամչնայ
երբեմն
իր
խեղճութենէն։
Անստոյգ
ու
խռով
հորիզոններու
տակ,
անլուր
ոգորումներու
գինով
յաղթահարուած
ու
ատով
կրկնապէս
թանկագին
մտքի
լիութիւն
մը
-ահա
թէ
ինչ
կը
սպասենք
այդ
քանի
մը
անուններէն։
Ու
ի
հաշիւ
այդ
տղոց,
ես
կ՚երազեմ
օրը,
ուր
քննադատութիւնը
թափելով
իրեն
շանթաժի,
լրբութեան,
սոփեստութեան
ու
անկրթութեան
ստորոգելիները-
որոնցմով
միայն
ուժով
եղաւ
ան-,
դարմանելով
անարդար
հիացումները
եւ
անհասկնալի
ուրացումները
-
որոնք
արդի
սերունդին
փորձաքարը
կը
ներկայացնեն
-
պիտի
ըլլայ
մտքի
համեստ,
հաստատ,
իրական
exercice
*
մը,
առանց
յաւակնութեան,
առանց
չարութեան,
առանց
վարդապետականութեան(39)։
Ու,
օժտուած
այդ
տղոց
սիրոյն,
փակելէ
առաջ
այս
շարքը
բանաձեւ
մը
միայն։
-
Ամփոփուին
ու
խորանան։
Բայց
մանաւանդ
դադրին
լրագրելէ։
1930
*
*
*
1.
Քննադատութիւնը
գրական
սեռ
մը
նկատելու
եւ
զայն
իբր
այդ
հիմնաւորելու
փորձերը
կարելի
է
վրիպած
նկատել։
Տրուած
ըլլալով
զուտ
հրապարակագրական
նկարագիրը
այդ
արտադրութեանց
մեծ
մասին,
անիկա
կրնայ
աճիլ
տակաւին,
պահանջի
օրէնքով
մը,
եւ
ինչպէս
եղած
է
պարագան
օրաթերթին
համար,
գրաւել
անհուն
գետիններ։
Բայց
այս
յաջողութիւնը
խնդրական
է
վաղանցուկ
ըլլալուն
չափ։
Եթէ
ստոյգ
է,
որ
վերջին
հարիւրամեակի
պատկառելի
գրակոյտէն
շատ
զանցառելի
քանակ
մը
միայն
պիտի
անցնի
ապագային,
եթէ
ստոյգ
է,
որ
մոռցուած
է
Ի.
Թէնի
այնքան
իմաստառատ
ու
շքեղ
գործը
ու
դժնդակ
պայքարի
մը
գինով
կը
կարդացուի
հսկայ
Սէնթ-Պէօվը,
այն
ատեն
հասկնալի
կը
դառնայ
թերահաւատներուն
քմծիծաղը
փայլուն
այն
համբաւներուն
ետեւէն,
որոնք
Ժիւլ-տը-
Մէթռ
մը,
Պուռժէ
մը,
Ֆակէ
մը
պարտադրեցին
ամբոխային
հիացումին։
Բացի
Սէնթ-Պէօվէն,
որ
իր
անհուն
խելքն
ու
չարութիւնը
գործածեց
գիրքերու
թերթերն
ու
անոնց
հեղինակներուն
հոգիները
իրարու
դէմ
բերելու
եւ
գիրերուն
կնճիռէն
իջաւ
հոգիին
թնճուկին,
միւսնե՛րը՝
այսինքն
անոնք,
որ
թուղթերու
վկայութիւնը
բաւ
սեպեցին
ու
խառնուածքներուն
դէպի
թափանցումը
ջանք
չվատնեցին,
պէտք
է
բաւարարուին
իրենց
փոքրիկ
հաճոյքովը։
Կ՚անցնի
այս
ծուլութեան
ու
կապկութեան
դարը,
ուրիշներով
մտածելու
այս
ստրկութիւնը,
որուն
armateurները
*
եղան
թերթերու
եւ
հանդէսներու
քննադատները,
ու
իրեն
հետ
կ՚անցնին
այն
համբաւները,
որոնց
կառուցումը
վրդովումէ
աւելի
ապշութիւն
կը
պատճառէ
ամէն
պարկեշտ
մտածողի։
2.
Ժամանակին
հետ
քննադատ
բառին
բովանդակութիւնը
ենթարկուած
է
աչքառու
ձեւափոխման։
Հետզհետէ
կը
ցանցառին
այն
մարդերը,
որոնք
տարիներով
ուրիշներուն
գիրքերը
կը
կարդան
ու
օր
մըն
ալ
իրենց
իրաւունք
կու
տան
ատոնք
այս
ու
այն
եղանակով
երրորդներու
պատմելու։
Մէկդի
ընելով
աշխատանքին
մեքենական
ու
հետեւակ
կողմը,
մէկդի
ընելով
մանաւանդ
գրքերով
կազմուած
խառնուածքի
մը
զօրութիւնն
ու
եսականութիւնը,
-
ասպարէզին
անխուսափելի
խարակները,
քննադատութիւնը
հիմա
սկսած
է
չբաւել
ամբողջական
փառասիրութեան
մը
լիացումին։
Ան
շատ
յաճախ
կ՚ընկերանայ
վիպելու,
քերթելու
կարողութիւններուն։
Երբեմն
մանաւանդ
essaiներու
եւ
aphorismeներու
**
ճամբաներէն,
անիկա
կը
ջանայ
իմաստասիրական
մտահոգութիւններ
որոնել
ու
վերանալ
գաղափարական
համադրումներու։
Այսքան
տարածուն
հետաքրքրութիւններու
դիմաց
-
արդի
մտածումին
ու
իմացական
կեանքին
ստեղծումները
կը
յարացուցուին,
որ
-
ճիգին
լայնքը
եւ
յաղթահարումին
հրապոյրը
չէ,
որ
կը
տպաւորէ։
Եւրոպացիները
հարուստ
են
իմացական
արտադրիչներով
ու
անոնց
մէջ
վատնումը
չի
ճնշեր
հաւաքական
արժէքին
տեսակարար
կշիռին
վրայ։
Մեր
մէ՞ջ։
Դուք
չէր
կրնար
իր
ճշմարիտ
ողբերգականութեանը
մէջ
մտապատկերել
երանութիւնը
քննադատին
-
է՛ն
անուանի
տեսակէն
մինչեւ
ամէնէն
մռայլ
ու
խեղճ
թղթակիցը
կը
սեղմուին
ֆիրմային
տակ
-
որ
օրաթերթի
մը
մէջ
երկու
սիւնակ
կը
ստորագրէ,
երկու
սիւնակ
մտածում
ու
դիտողութիւն
մտքի
կամ
մտաւոր
կեանքի
-
ինչպէս
հիմակ
կ՚որակեն
զայն
մեր
վարժապետները
-
երեւոյթներու
շուրջ,
ու
կը
դատէ
հանրային
հրապարակը,
երբեմն
նպարավաճառին,
երբեմն
ինքնաշարժի
մը
տիրոջ
հաճելի
ըլլալու
ցանկութեամբ։
Մի
ըսէք,
թէ
գրականութիւնը
վեր
է
անոնց
հասկացողութենէն։
Ո՞ւր
է
տարբերութիւնը
սակայն
այս
թղթակիցին
ու
սա
միւս,
տիտղոսաւոր
գործիչին,
որ
բեմ
կը
բարձրանայ,
կը
խօսի,
կը
գովէ
այս
ու
այն
մարդերն
ու
գործերը
ու
յետոյ
անոնց
հետ
կ՚երթայ
գարեջուր
պարպելու
ի
պատիւ
հայ
գրականութեան։
Այս
բարքերն
ալ
թափանցած
են
մեր
մէջ,
Ամերիկայէն
եկող
ամէն
նորութեան
նման։
Համբաւին
այս
անմեղ
լծակները,
լծակիցները
անշուշտ
արժանի
էին
այս
վարձատրութեան։
Բայց
վտանգը
ուրիշ
տեղ
է։
Երբեմն
հացկերոյթէն
յետոյ
թմրութիւնը
ի
հաշիւ
տաղանդին
կը
գործէ,
որ
չի
զգար
սոսինձը
եւ…
եւ
կը
քնանայ։
3.
Քննադատութիւնը
իր
այս
արհամարհոտ
կեցուածքին
համար
ուժ
կը
գտնէ
մեծ
ու
խորունկ
շարժումներէ,
որոնք
դարերէ
ի
վեր
կը
շարունակուին
եւ
նպատակ
ունին
իմացականութեան
լիակատար
ազատագրումը։
Մեծ
ու
պարկեշտ
ուղեղները
այս
յամրընթաց,
բայց
փրկաւէտ
գործունէութեան
հետ
անունով
միայն
հանգիտութիւն
ներկայացնող
քննադատութիւնը
գրականութեան
մէջ
մանաւանդ
պարտաւոր
էր
համեստ
մնալու։
4.
Հազիւ
երեք
դար,
որուն
երկուքը
սեռին
համար
պատուաբեր
ալ
չեն։
Պուալոն
դպրոցներու
մէջ
կ՚իշխէ
ու
անոր
օրէնքները
շարադրական
ընդլայնումներու
գեղեցիկ
նիւթեր
տուին։
ԺԸ.
րդ
դարը
իր
ճիգը
կեդրոնացուց
գիտական
կալուածին։
Տիտրոն
անբաւական
է
ներշնչելու
համար,
Ռուսոն,
որ
գրելու
օրէնքներ
բանաձեւելու
տեղ,
ապրելու
եւ
սորվելու
տարազներ
արտադրեց։
5.
Խայտաբղէտ
ու
երջանիկ
գիրքեր,
որոնք
դերն
ու
անպատում
հաւատքը
ունին
գրականութիւն
սորվեցնել
կրնալու
իրենց
աշակերտող
ամէն
դդումի։
Ես
կը
յիշեմ
դաս
առած
ըլլալ
անոնցմէ
ու
միայն
այդքանը
մնացած
է
միտքս։
Բայց
պատրանքը
զօրաւոր
է
մեր
բոլոր
փորձառութիւններէն։
Դեռ
երէկ
տպուած
գիրքեր,
միշտ
դպրոցներու
համար,
կը
կրկնեն
միամտութիւնը
զիրենք
կազմողներուն
պատանութեան։
6.
Մնաց
որ,
Մուրատեանի
պարկեշտութիւնն
ու
միամտութիւնը
հաշուի
չինկող
երեւոյթներ
են
արդի
մարդոց
ամբարտաւան
ու
նոյնիսկ
անկիրթ
մեծամտութեան
քով։
Այդ
մասին՝
աւելի
ուշ։
7.
Շարժումին
հեղինակները
օրինակելի
եւ
աղանդաւոր
ըսուելու
չափ
ուղղափառ
կեցուածք
ունեցած
են
քննադատութեան
հանդէպ,
զոր
կ՚արհամարհեն
Եղիային
վրայ։
Տ.
Կամսարական
խղճահարութիւնը
հասցուցած
է
գրեթէ
երկիւղածութեան։
Եղիային
վրայ
իր
նշմարին
մէջ
անիկա
կը
թուէ
իր
վերապահումին
պատճառները։
Այս
ցուրտ
արհամարհանքը
դարձեալ
Լ.
Բաշալեանի
մօտ,
որուն
մէկ-երկու
յօդուածները
ռուս
վէպին
շուրջը
քննադատութիւն
ըլլալէ
բոլորովին
հեռու՝
ջերմ
ու
հաւատաւոր
խոստովանութիւններ
ու
ցանկութիւններ
կը
պատմեն։
Ու
բազմադէմ
ու
բազմատաղանդ
Արփիարեանը
տեսաբանելու
տեղ,
վտանգի
գինով,
կը
փորձէ
ստեղծել,
ինք
այնքան
պատրաստուած
հրապարակին,
այնքան
յարմար
մակաբոյծի
պաշտօնին,
քանի
որ
համրուած
անուններէն
ամէնէն
աւելի
ինքն
է
հրապարակագիրը։
Խօսք
չեմ
ըներ
Զօհրապին,
որ
տող
մը
դատում
չէ
զիջած
գիրքերուն։
8.
Մատենագրութեանց
պատմութիւնը
այս
գետինէն
շահեկան
փաստեր
կը
բերէ։
Սոփեստները
բաւական
ուշ
են
իրենց
վիճարկութիւններովը։
Գրական
երկու
հզօր
սեռեր
աւարտած
են
իրենց
շրջանը
ու
մեռած
(Դիւցազներգութիւն
եւ
ողբերգութիւն)
արդէն։
Պղատոն
չ՚ընդունիր
գրագէտը
իր
հասարակապետութեան
մէջ։
Ամէնուս
ծանօթ
է
աղեքսանդրականութիւնը,
որ
միստիքական,
յետսագոյն
իր
կաղապարին
նախքան
վերածուիլը
(Քրիստոնէութիւն),
գրական
քննադատութիւն
է
գրեթէ,
մատենադարանի
եւ
ուսուցումի
տուած
իր
կռնակը։
Որ
կը
քննէ,
կը
բաղդատէ,
կը
մեկնաբանէ
համոզելու
նոյն
սրբազան
եռանդով,
զոր
շռայլած
էին
կանխող
սերունդները
ստեղծելու։
Գիտուններու
այս
եղբայրակցութիւնը,
ճիշդ
բառով
մը՝
կաճառը,
անդիմադրելի
յառաջատուութեամբ
մը
կը
զարգանայ,
ծածկելու
աստիճան
ամբողջ
Արեւելքը,
երբ
անդին
գուցէ
ընդմիշտ
լռած
է
հելլէն
հանճարը։
Կայսրերու
հսկայ
ու
յղփացած
Հռովմը
իր
դասական
փառքերէն
վերջ,
անոնց
կորուստին
վրայ
իր
ապիկար
դեղահատները
կ՚որոճայ։
Ստեղծումի,
խանդավառ
ստեղծումի
մեծ
շրջաններուն
վիճակուած
բախտը
տխուր
է
յաճախ։
Յաջորդները
ծալապատիկ
ու
պղերգ՝
կը
մեկնեն
ու
կը
յօրանջեն
սեղաններուն
առջեւը
նախորդներուն։
Ու
կ՚աճին
մեկնաբանները։
Հմտութիւն,
իւմանիզմ,
բանասիրական
խղճահար
ուսումնասիրութիւններ
սովորական
են
ստեղծագործ
ճիգէ
եւ
արդիւնքէ
վերջ։
Իտալական
վերածնունդը
Տանթէի
ու
Փեթրարգայի
փշրանքներն
անգամ
չմոռցաւ
շահագործել։
Ու
ասիկա
այսպէս
դարերու
ընթացքով։
Օտարէն
երբ
կ՚անցնինք
մեզի,
նմանութիւնը
ստիպուած
ենք
հաստատելու։
Հազար
հինգ
հարիւր
տարիէ
ի
վեր
ինկած
մեր
ժողովուրդը
իբր
իմացական
ճիգ
ինչ
ըրած
է
մեկնելէ
դուրս։
Երբ
անիկա
առաջին
անգամ
հաղորդ
եղաւ
Արեւմուտքին,
բացառաբար
թարգմանեց
ոչ
թէ
գործեր,
այլ՝
մեկնութիւններ։
Ու
ինչ
որ
հասած
է
մեզի
ինքնագիր
պիտակին
տակ,
ճնշումին
տակն
է
բացատրող
ոգիին։
Մեր
կրօնական
բանաստեղծութիւնը
կէսով
աւելի
ակնարկող
ու
մեկնաբանող
է,
երբ
տաղաչափ-պատմող
չէ։
Ու
այսօրուան
մեր
փնտռուած
գիրքերը
գրողներու
վրայ
գրուածներ
են
ստուար
չափով։
Մեր
գրականութեան
ո՞ր
ճիւղը
այնքան
գործ
տպած
ունի,
որքան
քննադատականը։
9.
Պարզ
է,
որ
այս
նոթերը
նպատակ
ունին
միայն
ու
միայն
մեր
ազգային
դիմագծութեան
պաշտամունքը
ունեցող
հոգիները։
Մեր
ընթերցող
հասարակութիւնը
ունի
իրեն
խարն
ու
դարմանը,
որմէ
գոհ
է
անհունապէս։
Ողջ
ըլլան
օրաթերթերը,
որոնք
այս
պարտքը
վրանին
առած
են
ու
կը
բուսնին
հո՛ն՝
ուր
չորս
գրել
կարդալ
գիտցող
հայ
քով
քովի
են
եկած։
10.
Նորերուն
մօտ
անիկա
ունի
շատ
աւելի
մակերեսային
նկարագիր,
տրուած
ըլլալով
պայմանները,
որոնք
ընդունակ
անոնց
ջիղերը
սրելու,
զլացան
անոնց
մտքին
համար
անհրաժեշտ
մարզումները։
Գրեթէ
մեծ
մասը
նորերուն
իր
զգայնութիւնները
շփոթեց
իմացական
զարգացում
ըսուած
այլապէս
բարդ,
դժուարագիւտ
ստացումին
հետ։
Անոնց
դատումները
բանաձեւումները
եղան
անոնց
զգայարանքներուն։
11.
Յաճախ,
այդ
հաւաքոյթներուն
մէջ
խօսք
առնողները
տարտամ
կապ
մը
անգամ
չունին
գրելու
արուեստին
հետ։
Ուրիշ
կալուածներէն
իրենք
զիրենք
հոն
նետած
այս
պարոնները
ամէնէն
առաջ
իրենք
կը
խնդան
ըրածնուն
վրայ։
Այսպէս
կազմակերպուած
հանդէսներուն
մէջ
հազիւ
քանի
մը
տարին
հեղ
մը
վաւերական
գրագէտի
մը
ձայնը
կը
հնչէ։
Ու
կը
վիճին,
կը
դատեն
միւսները,
օտարին
տունը
բաժինքի
գացող
գզիրներուն
լրջութեամբը։
12.
Պարտք
կը
զգամ
հոս
արձանագրել
գոհունակութիւնը
անոնց,
որ
մեր
գիրքը
կը
սիրեն,
հանդէպ
այն
շարժումին,
որ
Ամերիկայէն
կու
գայ
դարձեալ։
Անհատական
կամ
խմբական
միջոցներ
վերջապէս
հատորի
մը
տանիքին
տակ
կը
մէկտեղեն
մեր
գրողներէն
ոմանց
ցանուցրիւ
գործերը։
Իմ
մասիս,
այս
«բարերարութիւնը»
ես
արժանի
կը
գտնեմ
այնքան
մը
գնահատութեան,
որքան
չէ
թերեւս
տաճարի
մը
կառուցումը
շքեղ,
բայց
օտար
ոստաններու
մէջ,
ուր
անոր
կը
սպասէ
քանի
մը
տարի
յետոյ
միւզէոնի
մը
փառքը։
Վասնզի
գիրք
մը
երբեմն
այնքան
բարիք
կ՚ընէ,
որքան
չեն
ըրած
տասը
ժամ
ու
հինգ
դպրոց
միասին։
Քաղքենին,
երէկուանը,
մեր
երկրին
մէջ
եկեղեցի
ու
վարժարան
կ՚երազէր,
բայց
ժլատ
էր
չափազանց
գիրքին
հանդէպ։
(Չեմ
մօտենար
անոր
մտայնութեանը
հանդէպ
գրողին,
կարմիր
կու
գայ
աչքերուս)։
Նոր
քաղքենին
գուցէ
կ՚անգիտանայ
իր
ժեսթին
տարողութիւնը։
Աւելորդ
չէ
յիշեցնել
իրեն,
թէ
մագաղաթը
աւելի
կ՚ապրի,
քան
մարմարը։
Ի՛նչ
է
եկած
մեզի
մեր
պատմութենէն,
անոր
այսպէս
ըսուած
բարքերէն,
քանի
մը
գիրքերէ
դուրս։
Ու
ի՞նչն
է
նորէն,
որ
այսքան
կործանումներէ
յետոյ,
քանդուած
ծիածանի
մը
նման
մեր
գլուխներուն
կը
յամառի
թրթռալ
ու
տեւել։
Ունի՞նք
աւելի
կախարդ
յուռութք
մը,
քան
մեր
գրականութիւնը,
որ
մեր
տղաքը
կապէր
մեր
ցեղին
ու
մեր
ճակատագրին։
Անոնք,
որ
գիրք
մը
կը
տպեն,
նեցուկ
կը
կապեն
մեր
հոգիին
խորտակուած
սիւներուն։
13.
Դիտուած
է,
որ
դասակարգը
առաւելապէս
իր
զօրահաւաքը
կ՚ընէ
հանրային
կրթութեան
պաշտօնատուներէն։
Որքան
ալ
հզօր
ըլլայ
բողոքն
ու
արգելքը
ի
ծնէ
քննադատներուն
այսպէս
փաղանգուած
մարմնի
մը
դէմ,
յաղթանակը
անոնցն
է
միշտ,
որոնք
տաղանդի
տեղ
մարզանք
ըրած
են
ու
դիւրին
կշիռը
ունին
իրենց
կուշտին։
Աշխարհի
հազարաւոր
համալսարաններուն
բիւրաւոր
ձեռակերտները
ամէն
տարի
պարտաւոր
են
իրենց
ուսումը
արդարացնել։
Ուզենք-չուզենք
ստիպուած
ենք
մտիկ
ընելու
անոնց
թեզերը։
14.
Ով
գիտէ
ինչքան
խեղճութիւններ,
ինչքան
տխուր
անուններ
խնայուած
պիտի
ըլլային
մեր
գրականութեան,
եթէ
անձնական
այս
հաշիւները
չմիջամտէին
մեր
տաղանդներուն
անուանակոչութեան
ու
յարակից
հանդիսանքին։
Վասնզի
ոչինչ
այնքան
անդնդային
արմատ
ունի
մեր
մէջ,
որքան
փառա-սիրութիւնը
ու
տեսակին
գերագոյնը՝
գրական
փառասիրութիւնը։
Կը
յիշեմ
գրագէ՛տ
տիկինի
մը
-
հիմա
մեռած
-
արցունքը,
երբ
իր
մէկ
գրածը
մեղմ
բառերով
իր
արժէքին
իջեցուցի։
Ու
անիկա
կոտրուած
կատաղութեամբ
երեսիս
նետեց
նշանաւոր
բանաստեղծի
մը
-
ան
ալ
մեռած
եղերապէս
-
գնահատական
տողերը
նոյն
այդ
կտորին
սկզբնական
ձեռագրին
տակ։
Ուսուցիչ
բանաստեղծը
իրաւունք
ունէր։
Բայց
չէր
կրնար
մտածել,
թէ
տասնվեց
տարուան
աղջիկ
մը
միամիտ
պիտի
ըլլար
ինքզինքը
նոյնը
կարծելու
քսանվեցին
ալ։
Մահը
ջնջեց
անոր
փառասիրութիւնը։
Բայց
քանիներ
զրկուած
են
այդ
երջանկութենէն։
Մեր
գրողներուն
մեծ
մասին
դժբախտութիւնը
կը
սկսի
դպրոցի
սեղաններէն։
Եղիային
մէկ
ածականը
մեզի
երեսուն
տարուան
թշուառութիւն
մը
արժած
է
եղերապէս
նշանաւոր
ուրիշ
բանաստեղծ
մը
բուսցուցած
ըլլալուն։
15.
Պէտք
է
զբաղիլ
այս
նորօրինակ
շանթաժով,
որուն
նմոյշները
սկսած
են
բազմանալ։
Երէկ
ու
աւելի
առաջ
ազգային
գործիչի
ձրի
վկայական
մը,
տեսակ
մը
անցագիր
կը
ծառայէր
մուտք
ճարելու
համար
օտար
գրականութեանց
մէջ։
Հիմա
թարգմանութիւններ,
վարձուած
գրողներ
ու
յանուն
քաղաքավարութեան
կորզուած
հաճելի
խօսքեր
կը
խմբուին
ու
(գիրքերուն
նախաբան
ճարելը
նորոյթէ
ինկած
ըլլալուն)
զատ
թղթիկներով
կը
տպուին
ու
կը
տարածուին
աշխարհի
ամէն
անկիւնները։
Անուն
չեմ
տար։
Բայց
ակնարկութիւնը
բաւական
ցաւ
պատճառելու
է
այն
քանի
մը
գրողներուն,
որոնք
օտար
մամուլի
գովեստները
կը
թարգմանեն
հայերէնի
ու
մեր
երեսին
կը
նետեն,
մեր
ապերախտութիւնը
խարանել
բարձր
մտածումով։
Չեն
խորհիր
անոնք,
թէ
արժէքի
մը
դիմաց
ամէնէն
առաջ
մենք
ենք,
որ
կը
խանդավառուինք։
Ու
մենք
ենք,
որ
հպարտանալու
պատճառներ
պիտի
փնտռենք,
երբ
որեւէ
գործ
պարզ
իր
արժանիքովը
կը
կոտրէ
մեր
գրականութեան
խեղճ
շրջանակը
ու
կը
յաջողի
պատուաւոր
երես
մը
տանիլ
օտարներու
ընկերակցութեան։
Ոչ
ոքի
դէմ
նախապաշարում։
Գեղեցկութիւնը
աւելի
կ՚արժէ,
քան
բարիքը,
բայց
աւելի
չար
չ՚ըներ
մարդը։
Ու
զայն
կը
պոռանք
ուր
որ
կը
հանդիպինք
իրեն։
16.
Ամէն
քննադատ
չի
կրնար
անկեղծութեամբ
մաս
կազմել
որեւէ
դրական
ընկերակցութեան,
ինչպիսին
է
մեր
մէջ
քաղաքական
կուսակցութիւն
մը։
Իր
խորքովը
ժխտական
մարդ,
անիկա
իր
թերութիւնները
պիտի
արժեւորէր
որեւէ
հաւաքական
ձեռնարկի
մէջ
ու
պիտի
վտանգէր
զայն։
Մեր
մէջ
ալ
երեւոյթը
կը
մնայ
ճիշդ։
Անոնք,
որ
յամառած
են
իբր
այդ
մնալ
ու
գործել,
օգտըւած
են
իրենց
միւս
ստորոգելիներէն։
Երբեմն
հրապարակագրի
երակը
կը
գերակշռէ,
երբեմն
նիւթական
շահը
այդ
յաջողութիւններուն
ծոցը։
17.
Ասով
բացատրելի
է
մեր
մէջ
բազմութիւնը
պարբերաթերթերուն,
բոլորն
ալ
գրեթէ
օրագրի
կազմածով։
Անոնք
իրենց
աքաղաղները
ունին,
որոնց
պաշտօնն
է
պոռալ
աջ
ու
ձախ,
բայց
մանաւանդ
դրուատել
կամ
խարազանել
համաձայն
զանազան
ազդանշաններու։
Անոնք
է,
որ
կարելի
կ՚ընեն
մեր
գրական
գապալները։
18.
Մեղքը
կ՚երթայ
մեր
մամուլին
ճիտին
ու
քիչ
մը
ամէն
տեղ,
բայց
մանաւանդ
Ամերիկայի
մէջ
գրեթէ
զուտ
տնտեսական
ձեռնարկ,
ստիպուած
է
իր
ծանուցումներու
քանի
մը
սիւնակներուն
քով
երկու
սիւնակ
ալ
տպուած
ապրանք
քշելու։
Ձեռագրի
պահանջը
ուղիղ
կը
համեմատի
մեր
թերթերու
անհասկնալի
առատութեան։
Այս
պարագան
է,
որ
սկիզբէն
իսկ
քաջալերած
է
մեր
մամուլին
բոլոր
ինքնակոչ
վաստակաւորները
եւ
ծնունդ
տուած
խմբագիրներու
սա
պատկառելի
քանակին,
որ
ստուերի
մէջ
կը
պահէ
գրագէտները։
Ու
դարձեալ
այս
անհարկի
առատութիւնն
է,
որ
կը
քաջալերէ
ամէն
երակի
շահագործում։
Այսպէս
է,
որ
ամէն
օր
ծնունդ
կու
տայ
նոր
անուններու։
Ու
ոչ
միայն
այսչափ։
Պահանջը
երբեմն
այնքան
ստիպողական
է,
որ
չի
բաւեր
օրուան
տուածը։
Ու
ականատես
կ՚ըլլանք
ճշմարիտ
յարութիւններու։
Մարդեր,
որոնք
տասն-հինգ-քսան
տարիներէ
ի
վեր
թաղուած
էին
մեր
գրականութեան
համար,
կ՚արժանացուին
երկրորդ
կեանքի
մը
(որ
տաղանդներուն
երբեմն
բաժին
ինկած
վերակեանքը
չէ),
ու
ասիկա՝
աւելի
փառաւոր,
որքան
չէր
եղած
առաջինը,
երբ
գրականութիւն
ու
գրող
ունէինք,
հակակշռելու
համար
այս
մարդոց
միամիտ
յիմարութիւնները։
Աւա՜ղ,
այսօր
կարելի
չէ
այդ
սաստը։
Վասնզի
յիմարները
ճնշող
մեծամասնութիւն
կը
կազմեն
ու
դարը՝
թիւին
դարն
է։
19.
Զարմանալին
հոն
է,
որ
այս
մարդիկը
միշտ
ալ
ունենան
իրենց
հետ
իրենց
publicը,
ա՛յն՝
որ
համբաւները
չի
շիներ,
բայց
շինուածները
պաշտպանելուն
մէջ
կ՚ենթադրէ
տեսակ
մը
ասպետութիւն։
Անոնք,
որ
այդ
պարկեշտ
յաճախորդները,
երբեք
պիտի
չհասկնան
ծերութիւնը,
որ
դժբախտաբար
ճիշդ
է
որքան
գրագէտին,
նոյնքան
իրենց
համար։
Ու
իրար
պիտի
հոտուըտան
հաւատարմութեամբը
հին
սիրահարներու։
Ու
այդ
պատրանքին
մէջ
անոնք
բարեդէպ
պաշտպանութիւնը
ունին
մամուլին,
որ
իր
գովեստին
մէջ
այնքան
ճարտար
կը
սքողէ
իր
նպատակները։
Յոբելեանին՝
որ
կը
նուիրագործէ
իրենց
կուռքերը։
20.
Քննադատի
մը
դժբախտութիւնը
ուղիղ
կը
համեմատի
իր
ընթերցողներու
քանակին։
Որքան
առատ
ու
խայտաբղէտ
ըլլայ
այս
վերջինը,
այնքան
զօրաւոր
են
անակնկալն
ու
հակահարուածները,
որոնք
կը
պահուըտին
ժամանակին
ծոցը։
Վասնզի,
ա՛ն՝
որ
պարտականութիւն
է
ստանձնած
բազմութիւններ
գոհացնելու
(ինչպէս
կը
տեսնուի,
ինծի
համար,
քննադատը
տեսակ
մը
հրապարակագիր
է,
որ
առաքելութիւնը
ունի
մտքի
ամբոխները
լուսաւորելու,
ու
պարտաւոր
է,
նման
ամէն
առաքեալի,
մօտենալ
իր
հօտին,
անկէ
հասկցուելու
համար,
նոյնանա՛լ
անոր
էն
հաստ
բնազդներուն,
եթէ
կ՚ուզէ
արդիւնք
ապահովել։
Միւս
դասակարգը
դատողին,
որ
կ՚ընէ
ատիկա
ձրի,
ինչպէս
կը
սիրէի
ըսել,
դուրս
է
այս
վերագրումէն),
առաջին
օրէն
իսկ
հաշտուած
է
«ամբոխ»
ըսուած
երեւոյթին
ու
անոր
անսանձ,
անհաշուելի,
բայց
անվրէպ
օրէնքներուն
հետ։
Երբ
քննադատը
կը
հաւատայ
անոր,
ամբոխին,
կը
նմանի
մեզի,
այսինքն՝
պարզ
մահկանացուներուս,
որոնց
պատրանքը
կը
պահենք
մեր
հասողութեան
մօտիկ,
ուրիշ
կերպ
ընելու
մեր
անկարողութեան
գլուխ
ծռելով։
Քննադատը
կատարած
է
իր
դերը,
տարիներուն
հետ՝
աւելի
դառնացած։
Աւարտած
է
իր
բեմադրութիւնը։
Բայց
պարտաւոր
է
կենալու,
վարագոյրէն
ալ
վերջը։
Ու
պիտի
շարունակէ
տեսաբանել,
միմոսել
իմաստութեան
Աստուածուհին
ու
հաճոյք
մուրալ
յափրացած,
օտարացած
սա
ամբոխէն։
Ու
պիտի
ընէ
ատիկա,
տուժելով
ինքնիրմէ,
փոքրանալով,
հասարականալով։
Ու
ով
հեգնութի՜ւն.
այս
նահատակութեան
կասկածն
իսկ
չունի
անոր
սիրական
ամբոխը։
Ու
պիտի
քալէ
կորաքամակ
քննադատը
դէպի
անխուսափելի
վերջաբանը,
դիմաւորելու
համար
իր
խեցեվճիռը։
Ամէն
քննադատ,
-
ա՛ն՝
որ
ապրած
է
իր
ամբոխին
համար
-
կը
վարձատրուի
ապերախտ
ուրացումով
մը։
Ու
դժուար
է
երեւակայել
աւելի
դժբախտ
տրամ
մը,
քան
ինքնիրմէ
պարպուած
գրողինը։
Ամբոխը,
որ
կեանքն
է,
այսինքն՝
մշտանորոգ
փոփոխութիւնն
է
ի
հեճուկս
քննադատին
հաստախարիսխ
օրէնքներուն,
անգիտակից
կերպով
անգութ
է՝
չորցած
ու
աւարտած
ամէն
երեւոյթի
դիմաց։
Միւս
կողմէն՝
գաղափարներու
աշխարհին
մէջ
մահը
նոյնքան
արագ
կ՚ընթանայ,
որքան
նիւթերու
մարզին
վրայ
(այս
որակումին
մէջ
պէտք
է
տեսնել
այն
խատուտիկ
ու
սիրուն
ու
սրամիտ
գաղափարները,
որոնք
օրուան
հաստ
ուտելիքներուն
քով
համեմի
մը
դերը
կը
կատարեն
ու
մարսողութեան
մը
կեանքը
ունին։
Այլապէս
կարծր
է
կեանքը
միւսներուն,
ճշմարիտ
գաղափարներուն
որոնք
քանի
մը
հարիւր
տարին
հեղ
մը
աշխարհ
կու
գան),
քննադատը,
զոր
օրուան
հոգերը
կը
կլլէ
ամբողջովին.
ատեն
չունի
իրմէն
թօթափելու
մեռած
մասերը։
Նորոգուի՞լ։
Բայց
ասիկա
ստեղծում
պիտի
նշանակէր։
Ու
քննադատ
իմաստը
կը
մերժէ
իր
մէջ
այդ
տարրը։
Տասը
տարին
բաւական
է,
որ
մեր
երիտասարդ
ու
հզօր
դաւանած
գաղափարները
մոխրանան,
նոյնիսկ
առանց
դուրսի
յարձակման
ու
կորսուին
իրենք
իրենց։
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
արուեստի
բոլոր
աշխատանքներէն
ամէնէն
դժնդակ
տառապանքը
վիճակուած
ըլլայ
քննադատին։
Ու
երբ
անիկա
գրիչը
ձեռքը
չէ
գոցած
աչքերը,
անպատճառ
օրին
մէկը
ինքզինքը
կը
գտնէ
մինակ
ու
լքուած։
Իր
մելամաղձոտ
ակնարկը
անգութ
համեստութեամբ
մը
կը
չափէ
իր
ցանցառ
հետեւորդները,
որոնք
մարդավարութեան,
բարեկամութեան
ու
շատ
աւելի
ստորին
բանի
մը,
արգահատանքին
կը
պարտի
անիկա։
Մեր
գրականութեան
այս
սրտառուչ
ծերութիւնները
կը
տեւեն
դեռ
հոս
եւ
հոն։
Երբեմն
անոնք
գրաբար
բուրող
ոճով
մը
կ՚աւաղեն
հին
ու
բարի
ժամանակները
«յորում
իւրեանց
նսեհը
այլապէս
ուղփաճեմ
կը
շողայր»։
Անցեալ
օր,
անոնցմէ
մէկը,
որ
փառաւոր
պեխեր
ու
փառաւոր
խմբագրականներ
ունէր
քառորդ
դառ
առաջ,
երանելի
հաւատարմութեամբ,
որ
կ՚ոգեկոչէր
այն
օրերը,
երբ
իր
ուսուցիչները
«հեշտանքէ
մղձուկ»
զգածուելով
մը
կ՚արտասանէին
Բագրատունիի
քերթուածները
ու
մանաւանդ
Հիւրմիզին
հոյակապօրէն
դաշնաւոր
տաղերը,
ու
կ՚անիծէր
իր
շրջապատը,
որ
ապերախտ
ուրացումով
չէր
փնտռեր
իր
իմաստալից
ներշնչումները։
Իրողութիւն
է
ասիկա։
Ու
միւսները
եթէ
կ՚ուզէք։
Այսինքն՝
անոնք,
որ
դարձեալ
քառորդ
դարու
մը
համբաւին
ամբարտակներէն,
զինուորական
գալարափողերով
կը
պոռան
մեր
գլխուն
իրենց
քայլերգը,
իրենց
իմաստութիւնը,
իրենց
մերժուած
խրատները։
Չէ՞
որ
անոնցմէ
մէկը,
սկսելով
վէպէն,
անցնելով
հրապարակագրութեան
գօտիներէն,
քննադատ
է
կտրած
մեր
վրայ
ու
երանելի
այլուրութեամբ
մը
գրական
նիւթերը
խմբագրական
ընդլայնումի
կ՚ենթարկէ
եւ
կը
խօսի
իր
ընթերցողներուն
հետ
այնպէս՝
ինչպէս
իր
ընկերը
կը
խօսի
հրապարակին,
դրամներուն,
առաքինութեանց
մրցանքներուն,
սոխին
ու
սխտորին
վրայ։
Մեր
մէջ
է,
որ
կը
նետուին
ու
կը
պաշտպանուին
այս
կարգի
անհեթեթութիւններ։
Ունինք
այս
ամէնը
կարելի
ընող
ամբոխը։
21.
Այլապէս
ցաւալի
այս
գերմանական
ծանրամտութիւնը,
որ
միջակ
վարժապետի
մը
ստորագրութիւնը
կը
լուսապսակէ
յաճախ։
Մենք
կը
սկսինք
տարակուսիլ
տարողութեանը
վրայ
իմաստի
այդ
շտեմարաններուն,
որոնք
ժողովուրդի
մը
բարոյական
հարստութիւնները
կը
թանգարանեն
ու
մեզի
կը
ղրկեն
կէս
ճամբան
մնացած
վիժուկներ։
Ու
կը
խորհիմ
ես
այն
սերունդին,
որ
դարձեալ
մեկնեցաւ
օտար
համալսարաններէ,
բայց
մեր
ժողովուրդին
երկու
հատուածներուն
մէջ
ալ
շրջաններ
տիտղոսեց
ու
իր
կնիքը
քանդակեց
անոր
իմացական
շէնքի
ճակատին։
Այդ
մարդերը
հեքիաթի
հսկաներ
կը
թուին
արդի
դոկտորներու
ճղճիմ
միտքին
քովը
դրուած։
Գաղութներու
մէջ
այդ
տիպարը
դժբախտաբար
անկումներու
առաջնորդուած,
վասնզի
կը
պակսի
սեփական
մշակոյթին
հակազդեցութիւնը,
որ
մեղմէր
անոնց
խակութիւնը,
արդարացնէր
անոնց
փառասիրութիւնը,
տալով
անոնց
ծամելիքներուն
քիչ
մը
հայկական,
քիչ
մը
ճշմարիտ
իրականութիւն։
Ինչ
որ
արեւելահայ
հատուածին
կը
պատկանի,
դոկտորներու
այս
շքախումբէն,
աւելի
դժբախտ
է
մտքով
ու
մարմնով։
Հեռու
ինձմէ
համալսարանը
նախատելու
մեղապարտ
միտքը։
Բայց
չեմ
կրնար
հասկնալ,
թէ
ինչու
միջակ
վիպասաններ,
միջակ
վարժապետներ,
միջակ
քննադատներ
ու
հրապարակագիրներ
կը
յամառին
իրենց
անուններուն
ընկերացնել
համալսարանը
փոքրացնող,
զիրենք
պսակած
ըլլալու
մեղքը
մշտնջենաւորող
տիտղոսներ։
22.
Անոնցմէ
շատ
ունինք,
որոնք
սկսան
գրական
քննադատութեամբ
ու
վերջացան
ատամնաբոյժի
վկայագիրներով։
Մէկը
մանաւանդ
յուզիչ
էր
իր
տգիտութեան
մէջ։
Միամիտ
էր
գրել
սորվեցնելու
չափ
աշխարհին,
ինչպէս
կ՚ընեն
ատիկա
ամերիկեան
թէսթերով։
Ու
հատոր
մը
շարադրեց
գրելու
արուեստին
վրայ։
Բայց
չկրցաւ
զգալ
ատենին
անդարմանելի
աղքատութիւնը
իր
մտքին,
երբ
իր
բանաձեւած
օրէնքները
կանչուեցաւ
գործադրելու
արուեստի
կենդանի
գործի
մը
վրայ։
Անիկա
տղայ
եղաւ
թատրոն
գրելու,
ճիշդ
ինչպէս
կ՚ընեն
վարժապետները
ամավերջի
հանդէսներուն
համար
ու
ինչպէս
կը
հասկնան
զայն
պառաւները,
երբ
դրան
սեմին
կը
նստին
ու
կը
ծամեն
ասոր
ու
անոր
միսերը։
23.
Ինչպէս
չզարմանալ,
որ
այդ
խայտաբղէտ
զանգուածը
իր
բոլոր
պաշտօնական
վարդապետութիւններովը
եւ
համալսարանական
մեծղի
պատրաստութեամբը
մէկ
հատիկ
գրագէտ
չհանէ
իր
մէջէն,
ու
գեղացի
բանուոր
մը,
որ
ամերիկեան
տպարանի
մը
մէջ
կ՚աշխատի
գիր
շարելով,
մեզի
տայ
հարազատ
ու
հայեցի
գործ
մը։
Դասը
բաւական
համոզիչ
է
հին
ու
նոր
աշխարհի
տեսաբաններուն
ու
սոփեստներուն։
Աղօտ
շարժումի
մը
հեռայնութեամբը
կը
տպաւորէ
զիս
միւս
սերունդը,
կրկին
համալսարանական,
որ
ամսաթերթ
մը
հազիւ
քանի
մը
ամիս
քալեցուց։
Ու
եթէ
հոն,
Ամերիկա
ունինք
հանդէսներ,
հոն
գրականութիւնը
չէ,
որ
կը
մշակուի։
24.
Այս
յորջորջումին
տակ
պէտք
է
հասկնալ
այն
շարժումը,
աւելի
ճիշդ
ճարտարանքը,
որ
ընկերային,
պատմական,
քաղաքական
գետիններէ
մեկնելով,
կը
ջանայ
մեր
իրականութեան
մէջ
փոխադրել
արդի
ընկերութիւնը
յուզող
էական
հարցերը։
Արդէն,
պատերազմէն
բաւական
առաջ,
անիկա
գերակշռութիւն
ստացած
էր
մեր
իմացական
գործունէութեան
արեւմտեան
թէ
արեւելեան
հատուածներուն
մէջ։
Բացառաբար
կուսակցական
աղբիւրներով
հրատարակուած
այդ
հատորներուն
մէջ
հետապնդուածը
անմիջական
օգուտն
է։
Ու
կուսակցութիւնը
ինչպէս
պրոշիւրին
հեղինակը
կ՚անգիտանան
գրելու
զաղփաղփուն
օրէնքները
ինչպէս
կը
մերժեն
անոնց
գոյութեան
իսկ
իրաւունքը։
Հիմա
այդ
գրականութիւնը
միահեծան
կ՚իշխէ
թէ՛
մեր
գաղութներէն
բոլորին
եւ
թէ
մեր
մայր
երկրին
մէջ։
Շահ
մը
կայ
հարկաւ
մեր
դիրքին
այս
ընթացքն
առնելուն
մէջ։
Հետզհետէ
ցանցառ
եթէ
ոչ
անկարելի
կը
դառնան,
նոյն
այդ
ճնշումով,
գիրքեր,
որոնք
երեսուն
մը
տարիներ
առաջ
վարկ
ու
տիտղոս
ունէին
եւ
բաւական
բարձրագլուխ
կը
կրէին
իրենց
անունները՝
Վարդ
եւ
Շուշան,
Այգեկութք
եւ
ուրիշներ։
Արգասաւորումը
թեթեւցուցած
է
գէշ
գիրքերու
մթերքը։
Բայց
իբր
դրական
երեւոյթ
այդ
գրականութիւնը
ոչ
մէկ
գիրք
տուած
է,
ուր
ընկերային
հարցերը
վերլուծուին
հանդարտ
ու
անկողմնակալ
դատողութեամբ։
Հակառակ
իր
մօտաւորապէս
կիսադարեան
կեանքին,
մեր
անդրանիկ
շարժումը
վտիտ
պրոշիւրներու
ու
լրագրական
վիճարկութիւններու
մէջ
խեղդուած
է
(հնչակեան
գաղափարագրութիւնը
չէ
դուրս
ելած
թերթերու
սիւնակներէն)։
Նոյնքան
մը
անցեալ
ունեցող
մեր
մէկ
ուրիշ
կուսակցութիւնը
դեռ
չէ
դրած
իր
իմաստասիրութիւնը՝
լիակատար
ու
ամփոփ
ու
ամէնուն
մատչելի
հատորներու
մէջ
(Դաշնակցական
արշիւը
դեռ
նոր
կը
բացուի
հանրութեան
ու
չենք
տեսներ
մարդը,
որ
հսկայական
այդ
ատաղձը
արուեստին
բարձրացնէր)։
Աւելի
երիտասարդ
ուրիշ
կուսակցութիւն
մը,
հակառակ
իր
ցանկութեան,
դեռ
չունի
իր
տեսաբանը։
Ու
ասիկա՝
կազմակերպուած
ու
միջոցներով
հարուստ
մարմիններու
համար։
Կը
հասկցուի
անհատական
ձեռնարկներու
պարտադիր
անկատարութիւնը։
Ու
մարդ
ակամայ
կը
հարցնէ
-
ինչո՞ւ
այս
վրիպանքը։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
մեր
մտայնութեան
կազմախօսական
մէկ
թերութեան
հետ
կապ
ունի
անիկա։
Մենք,
հետեւակ
ժողովուրդ,
մեր
շարժումներուն
մէջ
անկարող
եղած
ենք
ինքնութիւն
դնելու։
Ու
մեր
մտաւորականները
զուրկ
են
այն
ամէնէն,
որոնք
ուրիշ
ժողովուրդներու
մէջ
քաղաքական
եւ
ընկերային
ուսումնասիրութեանց
իբր
ենթահող
կը
ծառայեն
ու
կը
փրկեն
զանոնք
բառ
ու
բանդագուշանք
ըլլալէ։
Ո՞ւր
է
մեր
ժողովուրդը։
Գաղութներու
մէջ
անիկա
հացը
կը
հալածէ
անողոք
որոշադրութեամբ
մը։
Անոր
անգործ
ու
վարձկան
դասակարգը
դարձեալ
հացը
կը
հալածէ
մելանին
ակօսովը։
Մեր
երկրին
մէջ
անիկա
իր
այգիին
ու
հողին
հետ
իր
թախիծը
կ՚ամոքէ։
Ու
անոր
գլխուն
տեսաբանները
կը
նմանին
շատ
քարոզ
կարդացողներու։
Նախանիւթի
այս
չգոյութենէն
դուրս
մերինները
չունին
դարձեալ
անհրաժեշտ
լայնք,
երեւոյթները
պարփակելու
ընդունակ
հայեացք։
Չունին
խնամքով
ճարուած
պատրաստութիւն,
մարզուածութիւն,
որ
չի
սպառիր
փոքր
ճիգէն,
հատնելով
պրոշիւրի
մը
քամակին։
Ու
այդ
ամէնէն
դուրս՝
կա՞յ
անոնց
մօտ
ընդունակութիւնը,
որով
օտարէն
վերցուած
տարազները
պիտի
յարմարին
իրենց
ցեղին
ու
միջավայրին։
Անշուշտ
իմ
ձեռնհասութենէս
դուրս
է
դատումներ
բանաձեւել
այդ
գետնի
վրայ։
Շատ
քիչ
բան
կ՚անցնի
մեր
ձեռքը
Խորհրդային
Հայաստանի
հրատարակութիւններէն։
Գաղութներու
ամէնէն
մեծածաւալ
հանդէսը
(Հայրենիք
ամսագիր)
մինչեւ
հիմա
հաւաքումներու
տեղ
տուած
է,
քան
կառուցումներու
կամ
համարումներու։
Ու
դեռ
չէ
սկսած
յետադարձ
հայեացքը,
որ
պիտի
գրկէր
մեր
պատմութեան
ամէնէն
խռովայոյզ
ու
տարօրինակ
մէկ
շրջանը,
վերջին
յիսնամեակը,
զայն
քննելու,
անոր
թաքուն
հոսանքները
ծանօթագրելու,
դէպքերը
դասաւորելու
եւ
հաշուեյարդարի
ենթարկելու
մեր
դարաւոր
գոյութեան
ամէնէն
յետադարձ
աղէտը,
փոյթ
չէ
թէ
անջատ
տուեալներով.
փոյթ
չէ
թէ
համաշխարհիկ
վրդովումներուն
պրիսմակին
ընդմէջէն։
25.
Գաղութներու
մէջ
անոր
եռանդը
գրեթէ
բացառաբար
նուիրուած
քաղաքական
ու
ընկերային
գրականութեան,
զայն
կամովին
անգիտելու
չափ։
Ան
վրիպած
է
իր
մեծ
առաքելութեան
մէջ,
չկարենալով
իրեն
amorcer
*
ընել
գոնէ
նորագոյն
երիտասարդ
սերունդը,
որուն
բնական
հանգրուան
մը
պիտի
ընծայէր
դրօշակը
բոլոր
ընչազուրկներուն,
մեզի
պէս
ամենազուրկներուն։
Այս
ձախողանքէն
դուրս,
զոր
թեքնիքի
թերութեան
մը
արդիւնք
կը
նկատեմ
(ամէն
բան
ըրին
մեզ
իրենցմէ
խրտչեցնելու,
հայրենիքը
իրենց
մենաշնորհը
յայտարարելով,
արհամարհելով
մեր
քաղքենին,
բայց
մանաւանդ
մեր
դժբախտները,
գոցելով
հայրենիքը
մեր
երեսին։
Մեր
ամէն
փորձերուն
մէջ
խրտուիլակ
ու
յետին
նպատակներ
զետեղելով
ու
այս
ամէնը՝
մանաւանդ
քիչ
մը
շիլ
գործակալներով)
հակառակն
է,
որ
կը
հաստատենք։
Ու
տեղն
է
ափսոսալ
մեր
ճակատագիրը։
Դիմագիծ
ունեցող
տղաք,
այսինքն՝
յետ-պատերազմեան
ամբողջ
սերունդը
գրեթէ
դիրք
բռնա՜ծ
է
այդքան
նուիրական,
մեզի
համար
այնքան
բնատուր
այն
շարժումին
դէմ,
որ
պաշտօն
ունի
սրբագրելու
արդի
քաղքենի
դժոխքը։
26.
Արեւելահայ
գրականութեան
ամէնէն
հարուստ,
առողջ
ու
խոստմնալից
այս
սեռին
ճզռիլը
դժբախտագոյն
իրողութիւնն
է
վերջին
տասնամեակին։
Այն
օրէն,
որ
Չարենցի
յիմար,
վիժած
փորձը՝
Երկիր
Նայիրին
տարփողուեցաւ
իբր
հայակապ
երկունք
մը,
այն
օրէն
դուռը
բաց
էր
բոլոր
քմայքներուն,
ճիգէ
խուսափումներուն։
Աւելորդ
է
մեզ
նախապաշարել
խատուտիկ
անուններով,
որոնք
պրոլետարական
գրականութեան
մէջ
վարկ
մը
շահած
են
իրենց
թափթփուկներուն։
Շատ
է
անոնց
թիւը
ու
առատ
անոնց
գործը։
Բայց
բոլորն
ալ
հում
պատմումէն
անդին
չեն
անցած։
Ու
դառն
է
ինծի
համար
ժխտել
գեղեցկութիւնը
Ստեփան
Զօրեանի
գործին,
ու
թէեւ
տաղանդով
պաշտպանուած,
չէ
ելած
արուեստին։
Համամիտ
եմ
իրեն
ուրանալու
համար
բոլոր
մշակումները,
օրէնքները,
վերջապէս
ինչ
որ
գիրքերը
կը
սորվեցնեն
իրենց
անտաղանդ
ընկերներուն։
Կ՚ընդունիմ
իրեն
հետ
ամէն
կապէ
զերծ,
ամէն
պայմանէ
անկախ
ստեղծումը։
Բայց...
տափակ,
գռեհիկ
չըլլալու
գինով։
Մատչելի
կ՚ուզե՞նք
ըլլալ
լայն
խաւերուն։
Այո՛։
Թէեւ
ասիկա
ճաշակի
խնդիր
է։
Բայց
ընել
ատիկա
երբեք
տափակութեան
գինով։
Ընել
ատիկա
կեանքին
պէս,
որ
իրականութեան
անսպառ
հանքեր
ունի
սքողած
իր
ընդերքին
խորը,
որուն
վերի
խաւերը
ծանծաղէն
միայն
ախորժող
լուղորդներուն
փոր
կու
տան
եւ
որուն
ալքերուն
յանդգնիլը
ո՛չ
միայն
տաղանդի,
այլ
մանաւանդ
«երկաթէ
կամքի»
գործ
է,
Խորհրդային
քնարեգրութեան
մէջ
այնքան
պոռացուած,
բայց
այնքան
ալ
անմատոյց
մնացած
այդ
կախարդ
բանաձեւին։
Այլապէս
գիտակից
կեղծիքը
կ՚ընենք
մեր
իսկ
անձին
դէմ։
Գրե՞լ
ամէնուն
համար։
Այո՜,
եթէ
կ՚ուզենք։
Բայց
ընել
ատիկա
այն
անփոխարինելի
հարազատութեամբ,
իրաւով,
որով
պատնուած
են
մարդոց
հոգիները
եւ
արարքները
եւ
որոնք
պարտաւոր
են
քակել,
հասնելու
համար
թաքնուածին,
խանձարուրուածին։
Հանել
իր
փաթաթէն
ինչ
որ
միսերով
կը
բանտուի։
Հանել
իր
կեղծիքէն
ինչ
որ
միտքն
ու
բնականութիւնը
կը
դիպչին
մեր
գործողութեանց
մագնիսներուն,
ու
դողացնել
մերկ
տառապանքը
աշխարհի
աչքին։
Ես
այսպէս
կը
հասկնամ
հասակարաց
արուեստը։
Կը
հաւատամ,
թէ
ոչ
մէկ
պսակաւոր
վիպասան,
ոչ
մէկ
ազնուազգի
քաղքենի
պիտի
կարողանար
տալ
այն
անլուր
բանը,
որ
բանուորի
մը
հոգին
կ՚անուանուի։
Այդ
հրաշքը
պիտի
կատարուէր
միայն
ու
միայն
աշխատող
բազուկներու
միջոցով,
երբ
անիկա
դնէր
այն
լրջութիւնը,
ձգտուածութիւնը,
կամքը,
որոնք
միայն
կ՚առարկայացնեն
զգայնութեան
հոսումները
ուղեղէն
դէպի
դուրս
սառելով
մարմարին
ու
թուղթին
վրայ։
Ես
չեմ
կարդացած
էջ
մը,
որմէ
դոյզն
յուզում
մը
անցնէր
ինծի,
պրոլետար
մեր
պատմողներէն։
Ու
գիտեմ
նաեւ,
թէ
արուեստի
մեծ
գործ
մը
կը
խօսի
պարզ,
ինչպէս
բարդ
միտքերու,
հաւասարապէս
խտրութեան
աստիճանով
մը
տարբերացած։
27.
Գուցէ։
Բայց
դիտել
կու
տանք,
թէ
հակառակ
պաշտօնական
ցուցմունքներու,
կոմիսարներու
անձնական
ու
նիւթական
միջամտութեան,
Պետհրատի
բարդ
սիսթէմին,
դեկրետներու
տարափին
ու
ամերիկեան
մամուլին
վայլող
ռեքլամներու,
արեւելահայ
բանաստեղծութիւնը,
ստրկական
կամակորութեամբ
մը,
դեռ
կը
յամառի
կրկնել
Ե.
Չարենցի
երգը
եւ
գործածել
անոր
մօտիւները։
Ինչ
որ
ցանցառօրէն
կ՚երեւայ
հրաշքով
լեցուած
հանդէսներուն
մէջ,
մեզի
իրաւունք
կու
տայ
այդ
մեղադրանքին։
Ու
տրտում
բան
է
խորհիլ,
որ
տասնով-քսանով
երիտասարդներ,
անլուր
միամտութեամբ
մը
բանաստեղծութիւն
տեսնեն
հո՛ն՝
ուր
իրենցմէ
այնքան
արհամարհուած
արեւմտահայ
բառակոյտն
իսկ
չկայ։
Ու
դառնութեամբ
կը
հետեւինք
տժգոյն
տղոց
այդ
կարաւանին,
որոնք
իրենց
ցեղին
ճիշդ
բառը
գործածալով՝
ժողովուրդներու
«երկաթէ
կամքը»
դիւցաներգելու
ելած
են
նոյնալար
ու
նոյնատիպ
սրինգներու
վրայ,
զորս
օրուան
իշխանութիւնը
փոյթն
ունեցած
է
թխմելու
իրենց
ակռաներուն
մէջ։
Ու
կը
բզզան
անոնք
ու
չեն
անդրադառնար,
որ
իրենք
ճպուռներու
չափ
իսկ
խելք
չունին,
որոնք
գոնէ
ճաթիլ
գիտեն։
Ո՞ւր՝
նոր
խօսքը,
որուն
պատգամները
կը
տեղան
տասը
տարի
ի
վեր,
որուն
անունը
կայ,
բայց
ինքը՝
ոչ։
Հայաստանի
մէջ
Ալին
ու
Լենի՞նը
միայն
կ՚ապրին։
Ո՞ւր
է
հայ
տառապանքը,
հայ
աշխատաւորը,
թէկուզ
հայ
բանուորը։
Ու
անբարոյ
բան
է
գիտնալ,
թէ
արուեստագէտ
ըլլալիք
մարդոց
կազմակերպուած
սապոթաժն
է
պատճառը
այս
աղբակոյտին։
Անոնց
կիսապաշտօնական
քննադատութիւնը
երբ
վտանգը
մատնանշեց,
ենթարկուեցաւ
սաստի
ու
լռեց։
Ու
հիմա
այդ
երգիչները
հարազատ
երգը
կ՚ընեն,
այսինքն՝
բերնին
եկածը
թափելու
հեղգութիւնը։
Ինչո՞ւ
պաշտօնական
քննադատութիւնը,
ա՛յն՝
որ
այնքան
ուղղափառութիւն
կը
յաւակնի
անցեալը
դատելու
ատեն,
երեւան
չի
բերեր
պատասխանատուները
տափակութեան,
ծուլութեան,
անիմացութեան
այս
համաճարակին։
Ո՛վ
է
մեղաւորը,
երբ
Խորհրդային
Հայաստանի
քսանեակ
մը
քերթողները
մուրացկաններու
թափօր
մը
կը
կազմեն,
իրարու
ետեւէ
կարգապահօրէն
շարուած,
իրարու
ականջին
փսփսալով
առաջնորդին
կարգախօսը։
Տարիներ
առաջ
պաշտօնատար
մը,
Յ.
Պարոնեանին
անդրին
կ՚ուզէր
կանգնել
Պոլիս,
մուրացկանութեան
հեղեղին
դիմաց,
որ
կը
ծեծէր
իշխանաւորին
դուռները։
Իրաւունք
չունի՞նք
իր
պահանջը
իրեն
յիշեցնելու,
պզտիկ
սրբագրութեամբ
մը,
որ
կը
վերաբերէր
անդրիին
պատուանդանին
ու
տեղին։
28.
Այս
տեսակէտէն,
ուշագրաւ
է
ի՛նչ
որ
այդ
քննադատութիւնը
իբր
նաւակատիք,
դեռ
երկիր
չփոխադրուած,
նախափորձեց
Վիեննայի
մէջ,
տարիներ
առաջ։
(Անշուշտ
Հայաստանի
պլոլետար
կամ
ոչ
գրող-դատողներու
չափանիշը
բաւական
վեր
է
մտքիս
մէջ,
քան
աղքատութեան
ու
սոփեստութեան
այն
թիզ
մը
հասակէն,
որուն
պատկերը
եղաւ
աղքատուկ
ու
տիրացու
մարդ
մը,
ա՛ն՝
որ
«Արեգ»ը
խմբագրեց
եւ
մեր
ու
օտար
գրագէտները
ենթարկեց
վերլուծական
քննադատութեան,
բայց
անկարող
եղաւ
դատելը
ջոկել
պատմելէն,
առանց
կարմրելու
իր
ոճին
ամօթէն,
ամէնէն
գռեհիկը
բոլոր
դատել
փորձողներուն)։
Չեմ
զբաղիր
օտար
գործերու
շուրջ
անոր
քաղուածքներովը։
Վասնզի
ատիկա
համալսարանական
մարզանք
մըն
է
յաճախ
ու
ոճը
կոկելու,
ճկելու
սկզբնական
վարժութիւն
մը,
որուն
պէտքը
զգացեր
են
բոլոր
գրել
չգիտցողները։
Բայց
անկարելի
է
դիտել
չտալ,
թէ
գրական
գործերու
«տեսակարար
կշիռ»ին
վրայ
խօսիլ
կը
ներուի՝
ուզողին...
միայն
անհեթեթութեան
գինով։
Մտածումն
ալ
նիւթ
մըն
է
հարկաւ,
ըստ
տեսութեան,
ապա
ուրեմն՝
ենթակայ
մատերիալիստ
-
(աւելի
ազնիւ
հոմանիշով
մը)
-
մարքսիստ
տիալեկտիկային։
Այսպէս
է,
որ
իմացական
աշխարհը
պիտի
վերածենք
թթուածինի
հարցին։
Կարելի
է։
Բայց
ո՞վ
կ՚ուրանայ,
թէ
հացի,
դրամի,
աշխատանքի
հարցերը
հիմա
մեծագոյն
նիւթերն
են
գրականութեան,
ինչպէս
դարեր
առաջ
ասպետութիւնն
ու
մենամարտը
դիւցազնական
շրջաններու,
ինչպէս
փրկութեան
ու
երկնքի
տագնապը՝
Միջին
դարերուն։
Բայց
այդ
հարցը
փոքրացնել,
զայն
ուղղափառ
հանգանակներու
պարունակին
մէջ
զետեղելու
համար,
աղարտել
է
անոր
մռայլ,
արիւնամած
գեղեցկութիւնը։
Այսպէս
է,
որ
կ՚աղքատանան
գործերը,
երբ
զանոնք
տեսնենք
մեզի
տրուած,
պարտադրուած
ակնոցներով։
Բայց
աւելին
ըրաւ
այդ
դպրոցը,
երբ
մօտեցաւ
մեր
մերձաւոր
գրականութեան
ու
մեզի
համար
պարզ,
անկնճիռ
գործեր
ենթարկեց
մարքսիստ
խոշորացոյցին,
մէկդի՛
այդ
ձեռնարկին
անիրաւութիւնը,
անտեղութիւնը։
Բայց
ահա
աւելին։
Այդ
խոշորացոյցէն
անիկա
վերացաւ
բանաձեւ-դատումներու,
որոնք
ետ
կը
ձգեն
համբաւաւոր
առակը,
ա՛ն՝
որ
նոր
գինին
կ՚արգիլէ
հին
տիկի
մէջ
դնել։
Հոս,
պէտք
կը
զգամ
յայտարարելու,
թէ
մեզի,
անկախներուս
համար
մարքսիստ
ու....
գերիրապաշտ
բոլոր
հանգանակները
նոյն
կշիռը
ունին,
այսինքն՝
հանգանակի,
բառի
պարզ
կշիռը։
Ու
կարճ
ըլլալու
համար
-
դէմ
ենք
տափակին
ու
կեղծին,
խոշորին
ու
սուտին,
թեթեւին
ու
հովին,
բռնիին
ու
ներկուածին,
տենդենցիօզին
ու
դեկրետով
բռնադատուածին։
Յաւակնոտ
ալ
չենք
արուեստը
մերն
ու
միայն
մեր
պապենական
իրը,
ձիթաստանը
ընդունելու։
Ազատութի՛ւն։
Ահա
մեր
ուզածը։
Ու
կը
տառապինք,
երբ
նոյն
այդ
ազատութեան
անունով
այնքան
գերութիւն
կը
դիզեն
մեր
գրիչներուն։
Ու
կը
տառապինք,
երբ
խարդախուածն
ու
անոպան
կը
ներկայացուին
իբր
հարազատ
ու
արդար։
Ու
ասիկա
արուեստի՜ն
նախանձախնդրութեամբը
փրփրած
մարգարէներու
շունչին
տակ։
Մարդ
ո՞ր
աստղին
մէջ
ծնած
ըլլալու
է՝
ենթադրելու,
փնտռելու,
գտնելու
ու
բարձրաղաղակ
բարբառելու
համար
հասարակական
լար,
դասակարգային
պայքար
մեր
ամէնէն
անձնական
քնարերգակին,
Պետրոս
Դուրեանին
մօտ։
Ի՜նչ
միամտութիւն
է
հասարակաց
կարծիքները
անգամ
մըն
ալ
խառնշտկել,
խոզանակել
ու
ամբողջ
հատոր
մը
լեցնել
փոշիով
ու
տաշեղով,
ըսելու
համար,
թէ
Պետրոս
Դուրեան
աղքատ
բանաստեղծ
մը
եղած
է,
թէ
անիկա
արդիւնքն
է
իր
ժամանակին
տնտեսութեանը։
Ձգել
այս
տղուն
հիմնական,
վճռական
զգայարանքը
ու
անոր
տողերուն
լիութեանը
մէջ
հարուստի
եւ
աղքատի
պայքարը
ստորագծել,
աշխատանք
մըն
է,
զոր
չի
բաւեր
սոփեստութիւն
որակել։
Դարձեալ,
մօտենալ
Արփիար
Արփիարեանին,
նոյն
ամենաբաւ
հանգամանքով,
անոր
մէջ
ողջունելու
համար
նախահայրը
մեր
այսպէս
անուանուած
պրոլետարական
գրականութեան
եւ,
այդ
հսկայ
գիւտէն
թեւաւոր՝
չափել,
կաղապարել
ու
թուագրել
այնքան
բազմերանգ,
այնքան
հեղուկ,
ձեւախոյս
այդ
գրագէտը,
թեթեւութիւն
մըն
է,
տղայութեանը
չափ
անարժան
մարքսիստ
մեծ
տարազներուն
լրջութեան։
Պրոշիւրի
գրականութեան
վայելող
այս
դատումներուն
ծիծաղելիութիւնը
թերեւս
հասկցուած
է
վերջապէս,
քանի
որ
անոնց
հեղինակը
հակառակ
իր
ուսուցչապետութեան
աթոռին
Հայաստանի
համալսարանի
մէջ,
ընթացք
չի
տար
իր
վերլուծումներուն
ու
քանի
որ
Խորհրդային
Հայաստանի
հանդէսներուն
մէջ
ալ
չենք
հանդիպիր
այդ
կարգի
եղջերուաքաղերու։
Բայց
մեր
մեղքէն,
երբ
պետը
լռած
է,
ձագուկներն
են,
որ
հրապարակը
կը
գրաւեն։
Ամէն
դիւրին
շարժում
բախտն
ունի
տեւելու,
պարզ
իր
այդ
հանգամանքով։
Դպրոցէն
հիմա
շատ
բան
կը
մնայ,
մասնաւորաբար
փարիզեան
մարզին
մէջ։
Ու
այդ
մնացորդացը
օրինակելի
հաւատարմութեամբ
մը
անդրադարձը
կ՚ընէ
այդ
օրերու
մտայնութեան։
Հոն
կը
փորձուի
տեսակ
մը
քննադատութիւն,
անպաշտօն
խողովակէ,
ընկերաբանական
շեշտ
զրահանքի
մը
ու
երբեմն
ալ
վաւերական
գրագէտի
պաշտպանութեամբը։
Հասկնալի
է
աղանդաւոր
ընկերաբանին
ցուրտ
անտարբերութիւնը
հանդէպ
ամէն
լիարժէքի,
որ
մկրտուած
չէ։
Բայց
դժնդակ
բան
է,
որ
մինչեւ
ոսկորներուն
ծուծը
քաղքենի
կին
մը,
հզօր
գրագէտ
Տիկին
Եսայեանը
դաշնակցի
ոչ
թէ
Խորհրդային
կարգերուն
-
ուզենք-չուզենք
անոնք
մերն
են,
այսինքն՝
մեր,
բոլոր
զրկուածներունը
-
այլ
միջակայիններու
բանակին
(Խորհրդային
գաղափարագրութիւնը
դէմ
է
ամէն
տարբերացման)։
Կը
խորհիմ
տակաւին,
թէ
կարելի
է
տարակարծիք
ըլլալ,
հաշիւով
կամ
առանց
վերապահութեան,
հացի
թէ
փառքի
համար
իր
շրջապատին,
երէկուան
ընկերներուն։
Բայց
դժուար
է
ինծի
համար
երեւակայել,
թէ
մէկը
կրնայ,
առանց
ողբեգրութեան,
տարակարծիք
ըլլալ
իր
իսկ
անձին
հետ,
իր
անխորտակելի,
պայծառ
ու
վերջնական
եսին
հետ,
զոր
շատ
մը
արտայայտութիւններ
ալ
ձեւակերպպուած
են
միանգամ
ընդմիշտ։
Այսպիսի
պարագայ
մըն
է
տրամը
Տիկին
Եսայեանի,
զոր
ուղղափառ
քննադատութիւնը
աճապարեց
հեգնել,
նախատել,
ուրանալ,
երբ
Տիկինը
չէր
յանձնուած
տակաւին
անոր
թեւերուն։
Արդեօք
կը
մերժէ՞
ան
ինչ
որ
նախապէս
նկարագիրը
կազմած
էր
իր
արուեստին,
գերազանցապէս
անձնական,
նուրբ,
խորունկ,
իրաւ,
ինչպէս
է
արդէն
իրականին
մէջ
հոգին
ամէն
արուեստագէտ
կնոջ։
Պիտի
ուրանա՞յ,
թէ
արուեստը
իր,
Տիկինին
մէջ,
ուրոյն,
խնամքով
վարագուրուած,
ամբոխներէն
նախանձով
պաշտպանուած,
մթին,
բազմաբաւիղ,
իրեն
միայն
ու
երբեք
գեղջուկին,
բանուորին
մատչելի
ու
սեփական
աշխարհ
մըն
է,
որուն
միակ
ու
մշտական
բնակիչը
ինքն
է
եղած։
Ու
Տիկին
Եսայեան
իր
գրագէտի
ասպարէզին
մէջ
ուրիշ
բան
չէ
ըրած,
եթէ
ոչ
այդ
դժբախտ,
այդ
անկուշտ
մենաւորին
դժբախտ
ու
անկուշտ
ցանկութիւնները
բեմադրել,
ինքն
իր
հայելիին
վրայ,
ու
այդքա՛ն։
Բայց
այդ
հայելին
կը
մնա՛յ,
արուեստին
հրաշքովը,
երբ
մարմինը
կ՚անցնի
ու
կ՚անցնին
բոլոր
դատողները
եւ
ցուրտ
գիտունները։
Վասնզի
իրական
է
տառապող
ու
մինակ
կինը,
ոսկիներու
եւ
այրերու
դէզին
մէջ
այնքան,
որքան
բանուորի
մը
տուայտանքը
անօթութեան
հետ
ճակատ
ճակատի,
որքան
գեղջուկին
սուգը
մահուան
առեղծուածին
դէմ,
մենաւոր
ու
տգէտ։
Բռնել
տաղանդին
լոյսը
այդ
զոյգ
աշխատանքներուն
դէմ,
հաւասար
համակրանքով
ու
լրջութեամբ,
կենալ
ջահը
ձեռքին,
երկար,
անձանձրոյթ,
մինչեւ
որ
խաւարը
ընկճուի
այդ
անդունդներէն
ներսը,
մինչեւ
որ
ուրիշներուն,
նոյնազգացներուն
աչքերն
ալ
կարողանան
հասնիլ
մութին
ընդերքին,
հոն
թանձրացած
տառապանքի
մրուրին։
Այո՛։
Ու
արուեստի
գործ
է
ասիկա։
Ինչո՞ւ
ընդունինք
մէկը
եւ
ուրանալ
միւսը։
Ու
գիտէք,
թէ
ի՜նչն
է,
որ
կ՚ուրուացուի։
-
Ա՛յն՝
զոր
մարդերու
արուեստը
դեռ
անզօր
է
եղած
ստուերովի
իսկ
արտայայտելու։
Ատիկա
հայկական
ողբերգութիւնն
է։
Մեր
զայրոյթը
բառ
չունի
հանելու
այն
մտայնութեան
դէմ,
որ
կը
ճարտարի
մեղմել
թշնամիին
դերը
կատարուածին
մէջ։
Մէկդի
իր
ցեղը
նախատելու
լրբութի՛ւնը,
նայեցէք
միայն
կատարուածը
ստուերելու
անբարոյ,
սուտ
նահատակութեան,
աւելի
արդի
բառով
մը՝
նկրտումին։
Ու
երբ
մեր
բանաստեղծները
իրենց
կարողութեանը
չափով
կը
մօտենան
անպարագիծ
Եղեռնին,
մենք
ամօթը
չենք
զգար
այդ
մարդոց
հայհոյելու։
Եւ
սակայն
ինչո՞վ
են
մեղաւոր
մեր
Վարուժանն
ու
Սիամոնթոն,
երբ
անոնց
լարը
այնքան
արիւն
ու
կրակ
կը
տեղայ
մեր
վրայ։
Տիկին
Եսայեան
քանի
անգամ
անցաւ
այդ
թշուառ
մկրտութենէն։
Այդ
տրամին
արիւնովը
գրուած
իր
գլուխ-գործոցը
(Աւերակներու
վրայ)
հակառակ
իր
զուսպ
ճարտարապետութեան
կոթող
մըն
է,
որուն
շուքէն
ինք
պարտաւոր
էր
երկնչիլ
ամէնէն
առաջ։
Աւելի
յետոյ,
Պոլսոյ
մէջ
զարհուրանքի
օրերուն,
ան
իր
մորթին
վրայ
զգաց
ոճրապարտ
թաթը,
երբ
իր
գին
նշանակուած
գլուխին
համար
նեղ
գտաւ
միլիոննոց
քաղաքը։
Տիկին
Եսայեան
չի՞
վրդովուիր
սա
ահաւոր
սուտէն,
որուն
համեմատ
Սիմոն
Յակոբեանի
նման
հասարակ
ստախօս
մը
մեր
դարաւոր
թշնամին
կը
վերածէ
բարի,
առաքինի,
ուրիշին
հացին
աչք
չունեցող,
աշխատասէր,
հալալ
կաթ
ծծած,
չնաշխարհիկ
ժողովուրդի
մը։
Մեր
ընդվզումը
իր
չափէն
կ՚անցնի
երբ
մարքսիստ
քննադատութիւնը
մեր
ողբերգութեան
կը
նայի
գնչուի
մը
աչքերուն
իսկ
անարժան
սա
սուտ
ակնոցներով։
Կարճ
ըլլալու
համար.
նոյն
այդ
քննադատութենէն
«մահու
չափ»
չէ՞
վիրաւորուած
արդեօք
Տիկին
Եսայեանը,
երբ
կարդաց
անոր
վճիռը
իր
«Վերջին
բաժակը»ին
վրայ,
որ
անոր
մէջ
պուրժուա
զարդախուցերու
աղբն
ու
տականքը
կը
տեսնէր։
Ահա
խօսքեր,
որոնք
կ՚ընէ
ո՛չ
«դաշնակ»
մը,
ոչ
ալ
«պուրժուա
լագէյ»
մը,
այլ
մտքի
բանուոր
մը,
որ
բանուորի
մը
չափ
կ՚ատէ
արդի
կարգերը,
բայց
չի
ծախեր
իր
խղճմտանքը,
սուտ
խօսելու
զիջանելով։
29.
Տեղն
է
աւելցնել,
որ
բանագրերու
ուսումնասիրութեան
մէջ
դպրոցը
որոշադրուած,
յստակ
ծրագիր
մը
չէ
հետապնդած։
Նման
համադրութիւն
մը
Ե.
դարու
լեզուի
մասին
հազիւ
ուրուագծուեցաւ
կէս
դար
առաջ
ու
մնաց
անաւարտ։
Եթէ
Վենետիկը՝
կանխող
դարուն
աւելի
լայն
չափով
իւրացուց
ծրագիրը
(հին
մատենագիրներու
վերծանում),
իբր
հետեւանք
կեանքի
բերաւ
գրական
շարժում
մը։
Որքան
ալ
խստապահանջ
ըլլանք
դպրոցին
դէմ,
չենք
կրնար
ուրանալ
անուններ,
որոնք
կը
կոչուին
Բագրատունի,
Հիւրմուզ,
Ալիշան,
Պէշիկթաշլեան,
ու
ասոնց
քովէն
մատենագրութիւնը՝
որուն
շունչին
տակ
կ՚իյնան
մասամբ
Թէրզեանը,
ամբողջութեամբ
գրաբար
Խրիմեանը,
Թղլեան
եւ
ուրիշներ։
Ես
այդ
հեղինակներուն
լեզուովը
չէ,
որ
կը
զբաղիմ։
Հինգ
հարիւր
տարի
յետոյ
Վարուժանի
լեզուն
եւ
Հայկ
Դիւցազնի
Գրաբարը
քիչ
կողմերով
պիտի
տարբերին
Փաւստոս
Բիւզանդէն։
Վիեննական
հայրերը
քիչ
մը
անիրաւ
արհամարհանքով
զգոյշ
մնացին
գրականութեան
սօսինձէն։
Կրնան
իրենց
փաստերը
արժեւորել։
Բայց
չանդրադարձան,
որ
կապուելով
միայն
ու
միայն
բառերուն
ու
անոնց
տիրակալումին,
զրկուեցան
կեանքէն
ու
բառերու
բանակի
մը
մէջ
մնացին
առանձին։
Արդ,
ես
կը
խորհիմ,
թէ
բառերը
մեռած
տարրեր
են
ու
կ՚արժեն
այն
ատեն,
երբ
հզօր
նայուածքի
մը
տակ
թափանցիկ
կը
դառնան։
Բանասէրը
անարդի
տիպար
մըն
է,
երբ
չի
յաջողիր
բառերէն
անդին
անցնիլ։
Վասնզի
ի՞նչ
է
բառը,
եթէ
ոչ
քարացած
յուզում
մը,
սառած
սարսուռ
մը,
երբ
անիկա
կը
պառկի
մագաղաթին
վրայ։
Հին
մատենագիրները
այսպէսով
կը
դառնան
աւելի
կամ
նուազ՝
դամբարաններ,
որոնց
թափանցումը
նոր
է,
որ
կը
խանդավառէ
կարգ
մը
մարդեր,
այսինքն՝
վաւերական
բանասէրները։
Ու
ասոնք
պիտի
չբաւականանան
միայն
տապանագիրներուն
ընթերցումովը։
Պիտի
վերարտադրեն
կեանքը,
որ
օր
մը
դողաց
ու
մարեցաւ
պարապին
մէջը
գերեզմանին։
Թող
բանասէրը
պուտ-պուտ,
ծուէն-ծուէն
հաւաքէ
օր
մը
կրակ
եղած
այդ
պարապութիւններուն
հոս
ու
հոն
տարտղնած
բեկորները։
Թող
ատոնք
իրարու
աւելցնէ
ու
ենթարկէ
իր
հոգիին
բարեխառնութեանը
-
ուրիշ
խօսքով՝
անոնք
նետէ
իր
հոգիին
հնոցին
մէջ
ու
վերագտնէ
այդ
ջերմութեան
մէջէն
անդրագոյն
փունջը
ձեւին
ու
յուզումին,
որ
անոնց
ապրիլը
եղաւ։
Այն
ատեն
այդ
կախարդ
պրիսմակին
մէջէն
պիտի
յառնէ
ուրիշ
աշխարհ
մը։
Բառերը
կը
վարձատրեն,
երբ
խոշտանգենք
զիրենք։
Յիշել,
թէ
արուեստի
ինչ
գեղեցկութիւններու
հասան
մարդիկ,
որոնք
մեկնած
էին
բառերու
ճամբէն։
Մէկը
աստուածաբանութեան
չոր
հետաքրքրութիւնը
գործածեց
բառերու
քննութեան,
ու
բնագիրներու
ուսումէն
վերացաւ
հին
քաղաքակրթութեանց
ոգեկոչումին։
Երկու
շքեղ
յիշատակութիւններ
-
Յուդայի
քաղաքակրթութիւնը
եւ
Հռովմէական
կայսրութեան
առաջին
դարերը
իբր
հակապատկեր
փրկուած
են,
երբ
Ռընանը
խանդավառող
բանասիրական
փոքր
հոգերը
արդէն
իսկ
մտած
են
փոշիին
մէջ։
Աստուածաշնչի
մեկնաբանութիւնն
էր,
որ
առաջնորդած
էր
այդ
գեղեցիկ
արդիւնքին։
Ամէն
վիեննական
աբբայ
վստահ
եմ,
թէ
ծայրէ
ծայր
գոց
գիտէ
Եզնիկը,
ու
անոր
շուրջը
ստեղծուած
մատենագրական
կեանքը։
Բայց
ոչ
մէկը
անոնց
մտքէն
անցուցած
է
հետաքրքրուիլ
այն
հրաշքով,
որ
կը
պահուըտի
այդքան
խորարուեստ
համաձայնութեան
մը
(syntaxe)
ծոցը։
Ի՜նչ
քաղաքակրթութեան
արդիւնք
է
այդ
ճոխ,
նրբահիւս,
երկարուն,
բայց
երբեք
իր
կորովէն
չինկող
արուեստի
հրաշալիքը,
որ
Եզնիկի
լեզու
կը
կոչուի։
Այս
թափանցումը
նուա՞զ
պիտի
խանդավառէր,
քան
այս
ու
այն
բառին
ծագման
processusը։
Ու
ի՜նչ
արիւնոտ,
ի՜նչ
իրական
ողբերգութիւն
ծրարուած
կը
մնայ
Փաւստոս
Բիւզանդի
անպաճոյճ
քրոնիկներուն
մէջ։
Ամբողջ
Արեւելքը,
ամբողջ
հայ
ժողովուրդը
կրնանք
կարդալ
անոր
տողերուն
վրայ,
եթէ
հրաժարինք
միայն
բառերը
հարցաքննելու
նախասիրութենէն
ու
քիչ
մըն
ալ
տարուինք
էջին
հոգիովը,
մթնոլորտովը,
բարեխառնութեամբը,
որ
արուեստն
է
սակայն
այս
անգամ։
Ո՞ր
ժողովուրդինն
է
այդ
անհաւատալի
ըլլալու
չափ
աղուոր,
խիտ,
իրաւ
արուեստը։
Անո՞ր՝
զոր
Մխիթարեանները
անհուն
Փասթիշի
մը
պէս
մէկ
էջէն
միւսը,
մէկ
գիրքէն
միւսը
փոխադրեցին,
Խորենացիէն
վերցուածը
Չամչեանին
մէջ
զետեղելով,
թէ
ուրիշի
մը,
զոր
կ՚անգիտանանք
ահաւոր
միամտութեամբ
մը։
Այս
վրիպանքը
ես
կը
բեռցնեմ
մեթոտին
վզին։
Եւրոպական
մեթոտին
մէջ
մարզուած
միտք
մը,
վերցնելով
ամէնէն
համեստներէն
մէկը,
Մօրկանը,
օրինակի
մը
համար,
քանի
մը
հարիւր
էջերու
մէջ
կը
յաջողի
մեր
պատմութեան
ընդհանուր
իմաստը
գտնել
ու
արտայայտել։
Իսկ
ոչ
մէկ
պատմութեան
հայ
գիրք,
անուններէ
զատ
կրցած
է
բան
տալ
ընթերցողին։
Բանասիրութի՞ւնը։
Չի
բաւեր
Այտընեանի
անունը։
Պատուական
վարդապետը
մինակ
է
իր
փառքին
հետ։
Ու
անոր
հոգին
կը
տառապի
անհասկացողութեան
այն
ոլորտէն,
որով
պարուրուած
է
իր
հաստատութիւնը։
Մնաց
որ,
բանասիրութիւնը՝
իբր
բառերու
գիտութիւն
կրնայ
շահագրգռել
քանի
մը
բացառիկ
միտքեր։
Բայց
անիկա
կշիռ
կը
ստանայ
անով,
զոր
կը
բերէ
կեանքին
գիտութեան։
Ի՞նչ
ըրած
են
այդ
ուղղութեամբ։
Մեր
հին
մատենագիրները
խորհրդաւոր
մեհենադրոշմներ
են,
որոնց
լուսանկարը,
մեծութիւնն
ու
գրչութեան
սիստեմները
մանրամասնօրէն
ուսումնասիրուած
են,
բայց
որոնց
պարունակութեան
հսկայ
առեղծուածը
դեռ
կը
սպասէ
զիրենք
լուծող
մատներուն։
Ու
տրտում,
բայց
չյոգնող
երազ
է
ինծի
համար
այն
օրը,
երբ
այսպէս
հասկցուած
ու
գլուխ
հանուած
աշխատանքէն
յետոյ
մեր
ցեղին
հոգին
պիտի
յառնէ
իր
գրականութեան
մէջէն
այնպէս
յստակ,
այնպէս
տաք
ու
իրաւ,
ինչպէս
է
անիկա
հիմա,
գեղջուկի
մը
շրթունքին,
որ
Արարատի
գագաթին
թառած
արիւնոտ
պսակէն
կը
դրդրուի
հոսելու,
խոր
ու
մելամաղձոտ
մեղեդիի
մը
գերի,
վիրաւոր
հայութիւնը։
Ինծի
համար
խորունկ
ու
կլլող
խռովքի
պահեր
են
հին
ընթերցումները,
կատարուած
հին
մատեաններու
յիշատակարաններէն,
ուր
անուններ
կը
դողդղան
ու
կ՚ըլլան,
տարերկրեայ,
տարօրինակ
ու
թելադրող
անհունօրէն,
ուր
անծանօթ
մնացած
էջ
մը
աղօթք,
այսինքն՝
էջ
մը
հոգի
«մեղաւոր»
վարդապետի
մը
գրիչէն՝
կը
սառի
ու
կը
վառի
մագաղաթին
վրայ։
Միայն
անունները
այնքան
հեռու
քաղաքակրթութիւններ
կը
խորհրդանշեն։
Այսօր
մոմիայ
դարձած
այդ
բառերուն
ետեւէն
նայուածքս
կը
սուզուի՝
իջնելու
համար
վանքերուն
կամ
ամրոցներուն
մռայլ,
ճենճերոտ,
դողահար
ոլորտներուն,
որոնց
ծոցը
օր
մը
տրոփեց
եւ
դեռ
ինծի
չեկած
այս
ճիչը,
որ
անցաւ
աշխարհի
մեծ
բզկտումներէն։
30.
Ես
նկատի
չունիմ
հայ
դպրութեանց
երկհատոր
այդ
պատմութեան
մէջ
քննադատական
ոգիի
պակասը,
զոր
կարելի
է
դարմանել։
Դժբախտութիւնը
հոն
է,
որ
գիրքերու
ցուցակագրող
մը
իրաւասու
կը
զգայ
օրին
մէկը
ինքզինքը
այդ
քաթալոկները
իրարու
կապելու
ու
պատմութիւն
գրելու։
Դժբախտութիւնը
հոն
է,
որ
հիմա
նորոյթ
եղող
գրականութեամբ
երանգաւոր
կենսագրականներ
տեղը
անցնին
գործերու
վերլուծումին
ու
թափանցումին
ու
գոհանանք
կեանքին
տեղ
լուսանկարներ,
շատ-շատ
կենդանագիրներ
վրձինելով։
31.
Հմտութիւնը՝
առանձին
տիտղոս
մը
եւ
կեանքի
նպատակ
մը
մինչեւ
մօտ
ժամանակները,
այսօր
նախապայման
մըն
է
աւելի
բարձր
նպատակներու։
Առանց
այդ
նախապատրաստութեան
ոչ
մէկ
միտք
կ՚ըմբռնուի։
Ու
մտքի
գործունէութեան
բոլոր
երեսներուն
համար
արժէք
ունի
անիկա։
Քաղաքական
մարդն
անգամ
պարտաւոր
է
իր
ուղեղին
տալու
այդ
առաջամասը,
որ
ժողովուրդին
հաւասարակշռութիւնը
կը
պահպանէ։
Եւ
սակայն
ոչ
ոք
մտքէն
կ՚անցընէ
պարծիլ
այդ
աւելիով։
Ոչ
ոք
զայն
հասնելու
կէտ
մը
կը
նկատէ։
Մեր
մէ՞ջ։
32.
Փարատոքս
է,
որ
իմացական
կեանքի
մեծ
փեթակ
մը,
ինչպէս
է
Մխիթարեաններու
վիեննական
վանքը,
իմացական
կեանքին
ամէնէն
հզօր
արտայայտութեան
-
գրելու
արուեստին
-
մասին
այդքան
խուլ
ատելութիւն
սնուցած
ըլլայ։
Հարիւր
տարին
կը
մօտենայ
ու
մէկ
հատիկ
իսկ
գրող
չէ
ելած
այդ
աշխատանոցէն։
Իրենց
չափ
ես
ալ
կ՚արհամարհեմ
գեղեցիկ
գրականութիւն
տիտղոսուած
յիմարութիւնը։
Բայց
կը
ցաւիմ,
որ
դասական
հայերէնի
մեծավաստակ
հատորը
անկարող
ըլլամ
կարդալու,
պարզ՝
ամէն
տողի
զիս
վիրաւորող
անհարթութիւններուն,
տգեղութիւններուն
երեսէն։
Պակաս
հմուտ
մը
չէր
Ռընանը։
Բայց
կարելի
չէ
ձեռքէ
ձգել
անոր
հատորները
անգամ
մը
սկսելէ
ետքը։
Ու
ասիկա՝
օտար
մշակոյթներու
շուրջ։
Հասկնալի
է,
որ
ինչ
նախապատրաստութիւն
կը
հանենք
նման
կառուցումներու
համար,
երբ
մերը
ըլլան
անոնք։
33.
Մինչեւ
հիմա
նախանիւթերը
գործածուեցան
անտաղանդ
շէնքի
մը
կառուցումին,
որուն
անունն
է
Քննական
պատմութիւն
հայոց։
Որոշ
մէկը
չէ
այս
անհեթեթ
տարազին
հեղինակը։
Ալիշանի
հաւաքումներուն
շարունակութիւնն
է
ատիկա
եւ
ուրիշ
ոչինչ։
Աշխատողները,
գիրի
եւ
թուականի
ասպետներ,
Չամչեանի
վրայ
աւելցուցին
անկէ
վրիպած
յիշողութիւններ
օտար
մատենագիրներէ,
եւ
բեւեռագիր։
Գտան
-
անշուշտ
ուրիշներուն
գտածը
թարգմանելը
եղաւ
միայն
իրենցը
-
թագաւորութիւններ
ու
մշակոյթ
ու
կապեցին
մեր
պատմութեան։
Բոլորն
ալ
կրկնեցին
սխալը։
Մեր
պատմութիւնը
չի
գրուիր,
վարէն
սկսելով։
Անիկա
կը
գրուի
ներկայէն
իջնալով։
Ու
այդ
ներկան
իսկ
չենք
ճանչնար
տակաւին։
34.
Սխալ
կայ
դարձեալ
հաւատքի
մը
մէջ,
որ
վարկածին
հակառակը
կը
պնդէ
ու
կ՚աշխատի
մեր
մատենագիրներով
հաստատել
մեր
ընդունակութեանց
ու
տուրքերուն
առատութիւնը։
Մեր
մատենագիրները
չեն
թարգմանուիր.
մինչեւ
որ
անոնց
մթնոլորտը,
աշխարհն
ու
ենթաշխարհը
շատ
մանրակրկիտ
հաւաքումներով
չվերայօրինուին
ու
մինչեւ
որ
մեր
աղօթքները
չզատուին
բառերու
պատուաստէ,
դառնալու
համար
մեր
հեղանիւթ
հոգիները։
Ասիկա
ճիշդ
է
օտարներուն
համար
ալ։
Ֆրանսական
միջնադարը
վերջին
քանի
մը
տասնամեակին
է,
որ
կեանքի
վերածուեցաւ։
Աբբայ
մը,
որ
գլխուն
մէջ
աչք
ունէր,
գտաւ
խորհուրդը
այդ
շիջած
կեանքերուն,
ու
միջնադարեան
քերթողութիւնը
անոնց
լուսաւոր
համապատկեր
մըն
է
հիմա,
մանրադիր
ու
ապրող,
ինչպէս
էին
մարդերը,
որոնք
սառեցան
այդ
գիրերուն
տակ։
Գրական
ամբողջ
մեկնութիւնները,
վերլուծումները
չեն
կրնար
այդ
թափանցումը
փոխարինել։
Ասոր
համար
է,
որ
մեր
հոգին
չէ
անցած
հարիւր
տարիէ
ասդին։
Չէ
աճած
իր
անդրագոյն
աղբիւրներէն,
քանի
որ
մոռցած
ենք
անոնց
ծորակները
բանալու
կերպը։
35.
Հայաստանի
համալսարանը
եւ
ռուսական
մշակոյթին
մէջ
խորացող
քանի
մը
միտքեր
սկսած
են
արդէն
մեր
պատմութեան
որոշ
շրջանները
ենթարկել
կենդանացնող
յօրինումին։
Մեր
պատմիչները
այսպէս
հասկնալու
կարող
մարդոց
բազմանալը
սա
անկումի
ու
լքումի
օրերուն՝
յուսադրիչ
է
գերազանցապէս։
Մեր
պաշտօնական
քննադատութիւնը
եւ
գրականութիւնը
կ՚անգիտանան
այդ
շարժումին
իմաստը։
Ու
դեռ
լսելի
են
փարթամ
ու
հոյակապ
ճառեր,
որոնք
գեղեցիկ
պատկերներու
եւ
բառերու
ագուցումներ
են,
քան
թէ
կենդանի
իրականութիւն։
Բայց
այս
ժողովուրդը
ամբոխէ
չէ
բաղկացած։
Կու
գայ
խղճմտութիւնը,
կու
գայ
գիտակցութիւնը,
որ
շատախօսներն
իսկ
ներքին
զեղչի
կ՚ենթարկէ։
Սպասել
ու
յուսալ։
36.
Անոնց
զառացումին
մեծ
չափով
պատասխանատու
են
երէցները
նորէն,
որոնցմէ
ոմանք
ուխտ
ըրած
ըլլալ
կը
թուին
ամէն
սկսողի
մէջ
նորածագ
հանճար
մը,
առնուազն
տաղանդ
մը
ողջունելու։
Պատահեցայ
տղոց,
որոնք
իրենց
փորձերը
ինծի
ղրկած
ատեն,
կտրուած
գովեստներ
ալ
փոյթ
ունեցած
էին
ներփակելու
գիրքին
մէջ,
ստորագրուած
ջոջ
քննադատներէ։
Աղէտը
հոն
է,
որ
այսպէս
շփացուած
այս
տղաքը
պիտի
շարունակեն
նուազագոյն
տասը
տարի
տառապիլ
քաւելու
համար
այդ
գովեստներուն
աւերը։
Անոնցմէ
մէկը,
որ
Կովկասէն
կը
բերէր
իր
վկայականները
եւ
որուն
հանդիպումը
ըրի
տասը
տարի
առաջ
Պոլսոյ
գիւղերէն
մէկուն
մէջ,
դեռ
չէ
մոռցած
այդ
գովեստներուն
շաքարը
եւ
Յունաստանի
մէջ
կը
շարունակէ
գրել
ու
գրել,
անօթի
ու
ծարաւ,
երբ
կրնար
շատ
լաւ
խանութ
մը
կառավարել
ու
գոնէ
կուշտ
ապրիլ։
37.
Գոնէ
իր
ձգտումին
մէջ
շահեկան
եղաւ
անոնց
ինքնադատումի
աշխատանքը։
Հաւաքուեցան
ու
խօսեցան
ու
փնտռեցին։
Ու
անկեղծ
էին,
երբ
մեզ
կ՚ատէին
ու
ոչինչ
ունէինք
իրենց
ըսելու։
Այսինքն՝
մարդիկ
էինք
տարբեր
դարերու
ու
իրարու
հիմնովին
անծանօթ։
Անոնք,
որ
անտեղեակ
էին
հոգեկան
այս
վիճակին
դատապարտեցին
եկողները,
բայց
չխորհեցան
իրենց
եւ
անոնց
միջեւ
պատերազմին
փորած
անդունդին։
Անոնց
ջղայնութիւնը
անցաւ
մեր
վրայէն
ու
արդէն
կը
հանդարտի
գործերու
մէջ,
որոնք
ունին
ամէնէն
առաջ
այլուրութիւն,
օտարութիւն։
Ու
կը
գրեն
վէպ
ու
քերթուած,
առանց
կաղապարի
ու
առանց
օրէնքի։
Ըսի
կարծեմ,
թէ
պէտք
չէ
վրդովուիլ
այս
ամէնէն։
Կարեւորը
տաղանդն
է,
այսինքն՝
այդ
տղոց
աշխատանքի
ընդունակութիւնը։
Ու
վէպը
պատմուածք
չէ
վերջապէս։
38.
Այդ
անուններով
իրագործուած
քննադատութիւնը
դարձեալ
անկազմակերպ
է
ու
անսանձ։
Տպաւորապաշտ
իր
խորքով,
ձեւին
մէջ
մեծ
կերպընկալութեան
տիրացած,
անիկա
սահուն
է
ու
կենդանի,
կռուող
ու
տաքգլուխ։
Երբեք
չի
փորձեր
մեր
դասական
քննադատութեան
քլիշէ
զմայլանքը
եւ
ծանծաղ
ու
անոճ
պատմումը։
Այդ
յատկութեանց
սիրոյն,
իմ
հաշուոյս
ես
կը
ներեմ
իրենց
բոլոր
անիրաւութիւններն
ու
հայհոյանքները,
որոնք
բարեբախտաբար
մեզի,
այսինքն՝
անհատներուս
կ՚ուղղուին։
Յետոյ,
կը
հայհոյեն
արուեստով,
երբեմն
նրբութեամբ
ու
գոնէ
գռեհիկ
չեն
ըլլար
մազ
ու
մօրուք
ճերմկցուցած
երէցներուն
նման։
39.
Գիտական
մեթոտներու
վրայ
կռթնած
քննադատութեան
մը
հեռանկարը
դեռ
ոչինչ
ունի
վրդովիչ։
Մեր
հիները
արդէն
չեն
իսկ
կասկածեր
անոր
գոյութիւնը,
եթէ
ամերիկեան
համալսարանները
չողողեն
մեր
հրապարակը
դոկտորներով,
որոնք
արժեցնելու
համար
իրենց
տիտղոսները
կարող
են
յերիւրելու
ամէն
այլանդակութիւն։
*
«Պոետիկա»...
«Օրէստա»...,
«Էդիպուս
արքայ»
(ֆր.
)։
*
Զաւեշտական
բանավէճ
(ֆր.
)։
*
Պարունակութիւնը
(ֆր.
)։
[1]
Ընդունելի,
պիտանի
(ֆր.
)։
**
Խոհագրութիւն,
փորձագրութիւն
(ֆր.
)։
*
Վերակենդանացնել
(ֆր.
)։