Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՓԻՒՌՔԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ . . .

Կը հարցնեն.

Սփիւռքի գրականութիւնը ունի՞ ապագայ:

Մէկը ընթերցող մըն է: Ստիպուած եմ զեղչելու վաւերագրական հանգամանքներ, որոնք մարդ մը կը մասնաւորեն, անոր տալով առարկայական ստուգութիւն մը, բայց փոքրելով անոր ընդհանուր ալ տարողութիւնը: Կը զեղչեմ դարձեալ իր ուսումին, վկայականներուն ձեզի բերելիք նկատառումները: Դրէք ուրեմն ձեր մտքին առջեւ միջին պատկեր մը: Հազիւ պիտի յիշեմ, որ տեղականէն ու ազգայինէն դուրս կը տիրապետէ օտար լեզու մը, անով վարելով իր հաստատութիւնը: Շուկային վրայ ընթացիկ ուրիշ օտար բարբառներէ ալ լայն վարժութիւններ: Աւելորդ է թերեւս խօսիլ իր նիւթականէն, որ հարստութեան ու փայլուն դիրքին մէջտեղւանքը կ՚իյնայ: Մատենադարանէն` ուր արդի համբաւները, ինչպէս խնամեալ, նոյնիսկ քանի մը հատ լուրջ, միջազգային փառքի հասած տպագրական ձեռնարկները կը բազմին, կոկիկ ու քիչ մը քիչ ձեռնուած մաքրութեամբ մը ու փայլփլուն: Ախորժակներէն՝ -ազգային կեանք, կուսակցական խանդ, նոյնիսկ կիրք, սփոր, սեռ, եւ քանի մը մասնակի հետաքրքրութիւններ, հնագիտական, թեքնիք soranieներու առաջնորդողզորս չի վարանիր հրապարակելէ: Կը կարդայ… մեղքնալով մերինները, որոնք շատոնց դադրած են իրեն բան մը ըսելէ, բայց կը հաւատայ պարտքերու, մշակոյթի բանուորները, առանց ծանր նանրամտութեան պաշտպանելու իր սիրտբաց տրամադրութիւնը հաշտեցնելով իր մասնաւոր բնաւորութեան հետ, այսինքն՝ բարոյական այն խառնուածքին, որ մեր անունին շուրջառն է մեր շրջապատին վրայ:

Գրողներուն կը սիրէ օգտակար ըլլալ՝ առանց յետին փառասիրութեանց: Ու, արդիացած առեւտրականի իր վարկը կը ջանայ զերծ գիտնալ հին մեկենասութեան փոքրութիւններէն: Ու տակաւին ուրիշ ալ կողմեր: Կը բաւէ սակայն սա ուրուագիծը: Այս ամէնուն պակսածը, զոր կ՚անգիտանայ, իր իսկ ինքն է, այն կնիքը, որով կը յօրինուի մեր անձնաւորութեան անվերածելի ներքնապատկերը. Սարթրի Choixին կնիքը, թէեւ պիտի ուզէիք քիչիկ մը գրական ունայնաբանութիւն ալ հանդուրժել: Որպէսզի սա ընթերցողը տեղաւորէք իր հարազատ կերպարանքէն ներս:

Միւսը գրողն է Սփիւռքին: Գիտեմ, որ բառին հետ -գրող- ձեր միտքին պիտի ներկայանան բազմաստիճան խայտաբղէտ  տիպարներ տարօրինակ  առատութեամբ մը նկարագիրներու, որոնք առանձին-առանձին դժուար կը զետեղուին, կը հաշտուին գրականութեան հնադարեան յղացքին մէջ: Կը գրեմ հնադարեանը շատ մասնակի առումով մը սակայն, քանի որ իմ կարճ օրերուս հասակովը ես հաստատեցի, ամէն մէկ քառորդ դարու վրայ, արեան ծանր փոփոխութիւններ, շրջումներ, որոնց մտածելն իսկ անհաւատալի պիտի գար հին մշակոյթներու շրջանին: Պիտի ներէք ինծի, որ զգուշանամ սա տիպարները մասնաւորելու, ընթերցողին վրայ գործադրուած եղանակին մերձաւոր հաւատարմութեան մը սիրոյն: Թերեւս գուշակեցիք իմ դժուարութիւնը, դժբախտութիւնը տարազին տակ ունենալու մարդեր, որոնք բանաստեղծ են, որովհետեւ` ոտանաւոր կը գրեն, վիպասան՝ վէպ հրատարակելնուն համար, քննադատ՝ շքեղ հայհոյութեանց դափնիներուն ներքեւ. ու շարունակելը ձեզմէ: Դուք զերծ էք իմ տագնապէն, ձեր խորունկ անտարբերութեամբը  պաշտպանուած այդ փոքրութեանց  հանդէպ կամ ձեր ցաւը կուլ տալով ուրիշ բանի անընդունակ ըլլալնուդ: Ես կ՚անցնիմ քանի մը անհրաժեշտ լուսաբանութիւններու, որոնց մէջէն ձեզի գար իրաւ պատկեր մը դարձեալ: Այսպէս ուրեմն, զիս հարցապնդող գրագէտը -տուէք անոր ձեր ուզած տարիքը, քանի որ կարաւանին մէջ հանդիպելի են թէժ պատանին, որուն տառասխալները դեռ կը սրբագրեն թերթին խմբագիրները եւ վաթսունը անց յաւիտենական տղաքըիրեն պատիւ կը յայտարարէ գրական որեւէ նախապաշարումէ իր ազատ մնացած ըլլալը, մեր հրապարակին գրական տագնապը վերածելով իր… շահերուն, այսինքն` իր իմացական գոհացումին, երբ գիտէ իր ոտանաւորը փառաբանուած, իր վիպակը արժեւորուած իրեն…: Վսեմ բարութեամբ մը երբեմն կը հանդուրժէ հակամարտ տեսութիւններ ու կը գուրգուրայ իր հանգանակներուն: Կը հաւատայ իր ըրածին, մանաւանդ խանդավառ է ըսելիքներովը: Մի ընդհանրացնէք սակայն սա լուսաբանութիւնները, ճակատային հոգեբանութեան մը ճնշումին մէջէն: Սփիւռքի գրողը ձեր միտքին սանկ մօտիկը պահեցէք տիպարին, որ ընթացիկ էր 1910ին, բայց կարելի է 1950ին, ճակատէն ասդին կամ անդին։ Անոր տաղանդին -միշտ պարզ, առատաձեռնութեամբ մը  այդ բառն ալ մի զրկէք իր պարկեշտ ներկայութենէն ձեր մտապատկերին ետին հիմնական գիծը թող հանդարտութիւնը ըլլայ գրական նորոյթին դէմ, բայց չթելադրէ ձեզի Վենետիկէն կամ Վիեննայէն գալու անհանդուրժելի հնոտիութիւնը, յաւակնոտ բորբոսը հմտութեան եւ ստերջ ինքնաբաւութիւնը 1880ի վարժապետ-հրապարակագիրներուն: Միւս կողմէն՝ ան կը պահէ հաւասարակշռութիւնը: Ժանտ կիրքերու մէջ իսկ վարելով պատշաճութեան նաւակը: Զգոյշ է իր նախասիրութեանց, մանաւանդ ասոնց

արտայայտումին մէջ, ուշադիր իր նաւակը խրելէ ծանծաղուտին մէջը մեր օրերու գրական հոսանքներուն: Ու թեթեւ ծիծաղ մը կը չափէ սպառազէն campերը, որոնց ետեւէն իրարու գլխուն ծանր լուտանք եւ անարգանք կը տեղան երբեմն նոյն սերունդին պատկանող բաժնըւած ճակատները: Զգոյշ է իր տհաճութիւններուն մէջ, որոնց կ՚արգիլէ զարգանալ մինչեւ արհամարհանք կամ թշնամութիւն: Աւելի զգոյշ՝ իր համակրութեանց մէջ, որոնք քիչ անգամ կ՚անցնին պատշաճութեանց սահմանները, ծիծաղելին, ինչպէս հռետորական սարսուռէն հալածական: Այսպէս է շինած անիկա իրեն անուն մը միջին գրագէտի, մարդկային առաւելութեանց, ինչպէս թերիներու գումար մր իրագործելով: Պարզ, պարկեշտ, բարերարուած՝ գրական յղացքին մէջ իր հաստատած արմատական շրջումներէն, իմ թելադրել ուզած տիպարը դուք ազատ էք 1910էն յապաղած արհեստաւոր մը անուանել: Պիտի չըլլայիք սխալի մէջ, այսօր, երբ գրիչը ծախու հանւած զօրութիւն մըն է, կամ գնուած, մենատիրուած ժողովուրդին, քիչ կամ հազիւ մտածելով այդ ծառայութեան փոխարժէքին, որ ձրի գովեստն էր, այսօր շահով մըն ալ համեմուած: Հիմա գովեստը հակադիր ճամբայ մըն է երթալու երազին դրախտները, ինչպէս հայհոյութեան անցագիր մը, արգիլուած գօտիներու մուտքը կարելի ընծայող:

Մի ըսէք, թէ ուր եմ ձգած Սփիւռքի գրականութեան ապագան: Ապագայէն առաջ՝ ներկա՛ն: 1910էն յապաղած գրագէտը, ինչպէս 1950ի ընթերցողը վերածուելու առիթ, անշուշտ, ի հաշիւ համագումար արդիւնքներու, որոնք կը ներկայացնեն վաստակը մեր Սփիւռքին: Կայ ահա քառորդ դար: Քանի մը տարիէ ի վեր հրապարակ են դրուած Սփիւռքի գրականութեան անկարելիութիւնը պատգամող ծանրածանր սկզբունքներ: Կը գործեն ուրիշ ալ ազդակներ այդ գրականութիւնը արհամարհելի քանակի մը վերածող: Կը ծանրանամ Սփիւռքը հայրենիքին հակադրող, չափող, կտրող եւ թաղող ուրիշ ալ մտավիճակի մը վրայ: Ասոնք իրողութիւններ, իրենց կարգին  ծնունդ   գրականէն  դուրս   գրեթէ   քաղաքական ախորժակներու: Ունի գոյութիւն մամուլ մը, ուր այս հոգեվիճակը, տիրական, կը ծածկէ ուրիշ ամէն հետաքըրքրութիւն, մտահոգութիւն: Էջեր` անբաւական, սա հերոսները համոզելու, որ գրականութիւնը, միւս ութիւններու նման իւրայատուկ կրթանք մըն է, իր օրէնքներով, որոնք գիրքերէ չեն գալու: Հասկցնել անկիւնի թերթի մը խմբագրին, թէ` ամէն օր իր ընթերցողներուն իրմով մատուցուած տառեղէն սնունդը հասարակ կեր մըն է, գործողութիւն մըն է, որ տակաւ կը դառնայ նահատակութիւն: Հանդիպիլ տղոց, որոնք այդ էջերէն կը պատգամեն  Սփիւռքի  գրականութեան  մահավճիռը, դարձած է այլեւս սովորական:

Բայց սա տողերը կարդացողը կը հրաւիրեմ պարզութեան, պարկեշտութեան, քիչիկ մը խելքով բարեխառնուած անդրադարձումին։ Ու կ՚աւելցնեմ. հայրենիքի գրականութիւնը իր խորքովն իսկ, ինչպէս` ձեւովը, այսինքն` մշակման եղանակներովը, իրեն յատուկ կրթանք մըն է, այնքան ծանօթ Սփիւռքին, որքան` օտար գրականութիւն մը: Ու կ՚աւելցնեմ. զանոնք իրարու հակադրել եւ կամ կշռել ընդհանուր միջինի մը հասնելու առաջադրութեամբ, կը նշանակէ քիչ հասկցած ըլլալ պարզագոյն իրողութեանց իսկ իմաստը: Հայրենիքի գրականութիւնը, ինքն իր մէջ, զինքը յօրինողներուն եւ կամ կարելի ընողներուն արտայայտութիւնը: Սփիւռքի գրականութիւնը, մեր կամքէն վեր ու անկախ, ինքն իրեն համար առանձին իրականութիւն, ու ատով ընդունակ բազմատեսակ, ընդարձակ թելադրանքներու:

Զիս հարցապնդողները, բարեբախտաբար, չեն փառասիրեր ճակատային մտահոգութիւններ: Հանգանակ, մանրամասնութեանց վրայ առագաստի պարզում, ժամանակակից ընկերային, քաղաքական տագնապներու ետեւէն ծանր ախորժակներ չբերին երեւան: Անոնք նոյնիսկ կը թուէին գիտնալ անհրաժեշտ ֆագթէօրն ալ, որոնք գրականութեանց պատմութեան մանրադէպները, համեղանքը կազմելէ վերջ, կը ճնշէին կազմուելու վրայ հոգեբանութեան: Օ՜, ինչ միամիտ հեշտանքով մը, անոնցմէ մէկը իմ երեսիս զարկաւ վրիպանքը իմ կիսադարեան վաստակին, որ կը մերժուէր հայրենիքէն առաջ նոյնիսկ Սփիւռքէն: Այդ մէկը չգնաց առաջ այդ վճիռը արդարացնող նոր օրակարգեր օգտագործելու եւ վրիպած գրականութեան մը մեղքը նոր հանգանակներու սլանքներուն չյանձնեց: Չկարդացուիլը ինքնին պերճախօս վկայութիւն:

Բայց կարդացուի՞լը: Այսինքն` անոր արժէ՞քը:

- Իրողութիւններ կու տամ, պատասխանի փոխարէն:

ա) Ամբողջ երկու դար արեւմտեան մշակոյթին ամէնէն մեծահռչակ փառքերը, ԺԸ. եւ ԺԹ. րդ դարերու ֆրանսական, անգլիական, գերմանական գլուխ-գործոցները: Ողջ մնացա՞ծը ասոնցմէ:

բ) Մեր օրերու շքեղ ուրացումները: Մ. Կորքի, որ Տոսթոեւսկիի եւ Թոլսթոյի նման ծանրածանր արժէքներու դէմ, համապատասխան ծանրածանր թեթեւութեամբ մը իր մերժումները պատգամեց, Սփիւռքի իմաստուններուն ուղեղը չունէր անշուշտ:

գ) Արուեստին հասկացողութեան եւ գործադրութեան մէջ հետապնդուած ուղղութիւնները, որոնց ընդհանուր յայտարար կարելի է տալ զանգուածներուն անհուն ըղձաւորութիւնը յագեցնելու պարկեշտ օրէնքը: Գտնել սիրտը միլիոններուն: Համաձայն եմ: Բա՜յց: Չկայ մէկը այնքան կատաղութեամբ այդ առաջադրութիւնը բանաձեւող եւ գործադրող, որքան Մայակովսկին, զոր անձնասպանութեամբ մահուան դատապարտեցին զանգուածներէն եկող գրագէտներու լիկաներ: Մե՞ղքը այդ մարդուն: Դատապարտութեան թուղթը կը խօսի անոր արուեստին մէջ զանգուածին հասնող տարրին տարտամութենէն, նոյնիսկ պակասէն: Մայակովսկի մարդն էր, որուն քերթուածները 15-18 միլիոն օրինակներով սպառեցան, թարգմանուելով Սովետ Միութեան լեզուներուն:

դ) Յաջողած մարդոց փառքը սովետ եւ  արտասովետ գրականութեանց մէջ: Մաքսիմ Կորքի յաջողուածքին հրաշքը սեղմեց իր կուրծքին, երբ իր գործերը, 1917էն ասդին գրուածները, գտան միլիոններու թիրաժը, փաստ է ասիկա անշուշտ փառքին դիմաց, այնքան տժգոյն «Քարամազոֆ եղբայրներ» վէպին, որմէ 10-20. 000 օրինակ միայն սպառած էր մերձաւոր բնակչութեամբ կայսրութեան մէջ ռուսերուն: Փաստ են նմանապէս` «Աննա Քարենինա»ն, «Յարութիւն»ը, որ տասնչորս մայրաքաղաքներու մէջ նոյն օրը հրատարակուեցաւ: Յիսուն տարին սպաննեց «Յարութիւն»ը: Ու յիսունէն պակաս տարի վերջը, ո՞վ կը յիշէ, թէ` Ֆոմա Կորտիէւի «Մայր»ը անունով վէպեր ապրած են ծանր փառքեր: Բայց «Դատարկապորտներ»ը . Կորքիի) այսօր ալ կը պահէ իր սրտառուչ լրբութիւնը, մարդկայնութիւնը, մնայուն գործի իր բիրտ, սուր յանդգնութիւնները զրկուածներու, կէս-խենթերու տարականոն ապրումներէն հանուած պատմումներու այդ շարքը հիացումով, հեշտանքով կարդացին միջազգային գրականութեան բոլոր վարպետները, դրամագլուխին բոլոր իշխանները -եթէ երբեք զիջելու ունեցան ատեն բան մը կարդալուամէնէն ապականած մշակոյթէն բոլոր յղփացածները, արուեստէն ամէն գինով նորութիւն, արտակեդրոնութիւն, խենթութիւն պահանջող բոլոր իրաւ ու չիրաւ յեղափոխականները, սնոպները, մարգարէները, բայց մանաւանդ` միլիոնաւոր պարզ արարածները, որոնց մատչելի, որոնցմէ վայելելի մնալու գերագոյն պահանջին զիջումով մը, Մաքսիմ Կորքի ստորագրած էր ծանօթ, արհամարհանքին ելոյթը 1917էն բաւական վերջ, մինչ 1900էն առաջ Les Vagabondsը գտած էր սիրտը բոլոր ժողովուրդներուն: Ու չեմ թարմացներ, թէ ի՞նչ անարգ ձեւով մը մեռցուցին բժիշկները զայն: Ոչ նուազ քստմնելի օրինակ մըն է ուրիշ մեծահամբաւ գրագէտի մը ճակատագիրը յաջողած, կարդացուած, տօնուած, խաչը հանուած հանճարի մը տրամայով: Ըսի զիս մտիկ ընող իմ երկու հարցապնդիչներուն (եւ սա տողերուն երեսէն հաւանական ուրիշներուն), թէ մեծ գրագէտին (Մայակովսկի) տրաման հազիւ-հազ գրեթէ անգոյ աղերս մը կը պարզէր անոր քաղաքական եւ ընկերային համոզումներուն հետ: Զայն, այդ անձնասպանութիւնը կազմակերպող, սառնօրէն հետապնդող եւ անասելի հեշտանքով գործադրողները, զանգուածներուն անունով  դրօշեցին  իրենց  յարձակողականը Սովիէթ գրողներու հարազատ միութիւնը, անշուշտ ծանր, անգութ արդարութեամբ մը պատուհասեց անարգ խմբակը: Բայց Մայակովսկին բարոյական մահէն նոր է, որ կ՚ազատագրուի: Ահա ձեզի գրականութեանց պատմութենէն դրուագներ: Ու փակելու համար սա նկատողութեանց շարքը, կու տամ ուրիշ քանի մը անուններ: Գրականութեանց պատմութիւնը այսօր փակած է իր էջերը հեղինակներու, որոնց գործերը հարիւր տարի առաջ միլիոններով ծախուեցան («Մոնթէ Քրիսթօ», «Երեք Հրացանակիրները», «Գաղտնիք Փարիզու», «Թափառական հրեան») աննկարագրելի խանդավառութիւններ արծարծելէ վերջ, յատկացնելու համար լման գլուխներ, անմահ փառքի կոթողներու նման, ուրիշ անուններու, նոյն այդ շրջաններէն, որոնք անցան ու մարեցան, գրեթէ աննըշմար, բայց այսօր կը կազմեն միջազգային հպարտութիւնը իրաւ արուեստին, «Կարմիրը եւ սեւը», «Քուզին Պէթ»,   «Մատամ   Պօվարի»։

Ու անմիջապէս`

-Ֆրանսացիներու գրականութիւնը ունեցա՜ւ ապագայ մը:

Եկած է ատենը հարցապնդողներն ու ընթերցողը փոխադրելու

-… Արեւելեան կողմն աշխարհիս

ուր հարիւր տարի առաջ,

-… Արեւմտեան կողմն աշխարհիս

իր սկիզբը դնող «Արեւմտահայ գրականութիւն» անունով այնքան նուիրական ու նոյնքան դժբախտ ստեղծագործութիւն մը, այսօր կապուած է անարգանքի սիւնին(1): Անոր վիզէն կախ փլագարներու վրայ իր դատապարտութեան վճիռնե՜րը, մեղքերու կերպարանքով, երբ ասոնք այդ գրականութեան գերագոյն արժանիքները (2) իբրեւ յանձնուելու էին պատմութեան պանթէոնին:

 

Գրականութիւնը, զոր մերձաւոր անցեալի մը մէջ (օրինիակ մինչեւ 1915, նոյնիսկ 1922) կը սիրէինք Արեւմըտահայ  գրականութիւն  անուանել, Սփիւռքի  մէջ  իրագործուած կրթանքէն, լեզուն միայն ունի այսօր եւ ցանցառ վերապրող գրագէտներու եւ աւելի ցանցառ Սփիւռքէն սերած տաղանդներու մօտ (կու տամ անունը Համաստեղին, նաեւ բաժին մը հարազատ խորքի: Մնացածը արդիւնք է ապրումներու, որոնք կու գան ոչ-հայեցի յոյզերէ, զգայնութենէ, ըլլալով հանդերձ հարազատ գրականութիւն: Այսօրուան Սփիւռքի գրականութիւնը, երբ չեմ մասնաւորած, գրականութիւն տարազը, իմ գրչին տակ կը թելադրէ միայն ու միայն տաղանդով պաշտպանուած արդիւնքը պարտաւոր ենք տեսնել, կշռել ինքն իր մէջ: Անիկա վաղուանը չի կրնար ըլլալ, այսինքն՝ համահայկական գրականութիւն մը, բայց է՛ ինքզինքը, հաւասար ու երբեմն գերազանց ալ արժանիքներով: Վաղը ինքն է ստեղծելու իր գրականութիւնը, երբ մեր զանգուածները շարունակեն հոգեկան իրենց տարագրութիւնը: Ամէն օր կը լսենք ու կը կարդանք սա կարգի յաւակնոտ հաւաքաբանութիւններ.

«Հողէ զրկուած ամէն գրական կրթանք դատապարտըւած է անարդիւն մահուան».

«Սփիւռքի գրականութիւնը հողազուրկ մարդոց գրականութիւնն է».

«(ապա ուրեմն) Սփիւռքի գրականութիւնը դատապարտուած է  մահուան»:

Յոխորտ, իմաստակ, վճռական: Ու ճօճումը նիզակներու: Ու շեփորը յուղարկաւոր ասպետներու: Ու սպառնալիք:

Կը  պատասխանեմ.

- Մի մոռնաք, որ Արեւմտահայ գրականութեան խանձարուրը դրուած է Վենետիկ, Փարիզ, Իզմիր, Պոլիս, քաղաքներ, որոնք աւելի քան Սփիւռք էին հարիւր տարի առաջ: Բայց որոնցմէ զարգացաւ հայ ժողովուրդին հաւաքական հարստութեան գանձարանին վրայ նոյնքան անփոխարինելի գեղեցկութեամբ վկայութիւններու հանդէս մը, Արեւմտահայ գրականութիւնը:

Արեւելահայ գրականութեան խանձարուրը դրուած է Մոսկուա, Պոմպէյ, Մատրաս, Թիֆլիս, քաղաքներ ասոնք ուրիշէ մը մեզի եկած եւ նոյնքան սրտառուչ գեղեցկութեամբ ուրիշ հանդէս մը վկայութիւններու, որուն անունն է Արեւելահայ գրականութիւն:

Ահա խօսքեր, աւելի քան անհերքելի, պայծառ, վճռական, հայրենի հողէն դուրս աճած, կենսաւէտ, փառաւոր գրականութեանց (3), եթէ որոշէինք մոռնալ գրականութեան պատմութեան այլապէս շահեկան վկայութիւնները հայրենիքէն հեռու զարգացած յաղթական արդիւնքներու: Փարաւոններու աշխարհը ծնունդ է տուած Հին կտակարանի հզօրագոյն գիրքերէն մէկ քանիին (մարգարէութիւններէն ոմանք): Քաղդէացւոց աշխարհին մէջ, Տիգրիսի եզերքներուն, Իսրայէլի ստեղծագործ հանճարը առնուազն քերթուածներ տուաւ, հաւասար՝ հովիւ, բանաստեղծ, արքային սաղմոսներուն: Դարձեալ Աղեքսանդրին հիմնած քաղաքներէն մէկուն մէջ, Նեղոսի բերնին մօտ, հելլէնները ծնունդ տուին շքեղ գրականութեան մը, այդ դարերուն փորձելի սեռերուն բոլորին մէջ ալ հասնելով Հելլադայի կատարելութեան: Աղեքսանդրականութիւնը մշակոյթ մըն էր, քաղաքակրթութեան մը պիտակ վերտառութիւն մը տալէ առաջ: Ու տակաւին որքան օրինակներ: Ֆրանսացիք, Գանատայէն, կը համրեն մեծ գրագէտներ: Կը կեցնեմ գնացքը սա նկատողութեանց, դառնալու համար մեր գրականութեան:

Այսօ՞ր:

Սփիւռք կերպարանքին տակ հայ գրականութիւն մը կ՚ապրի Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Նոր աշխարհ:

Ասոր հայեցիութիւնը, տարողութիւնը, իրագործումները հոս չեմ ձգեր վերլուծման, քանի որ բազմաթիւ էջեր անբաւական պիտի գային սպառելու թելադրըւած մտածումները: Աչքի առջեւ բերէք մինակ օրաթերթերու, հանդէսներու, գիրքերու տպուածին քանակը ու անոնց մէջ մնայունին, ցեղային պահեստին, աւելնալիքին քանակը: Նման փորձ մը ես գործադրեցի Համապատկերին մէջ, սերունդներէն մեզի եկածին վրայ: Ահագին թղթեղէնին մօտ -անարժէք ապրանքգոյութիւնը բարձրորակ կտոր մը արժէքին բաւ եղած է զիս խանդավառ պահելու: Սփիւռքին կշիռը իմ գործը չի կրնար ըլլալ։ Իրենց՝ տարիքին, աշխատանքին բարիքները: Ես կը գոհանամ՝ արագ թելադրանքներով: Ու մի՛ մոռնաք, որ զիս հարցապնդողները մտահոգ էին Սփիւռքի գրականութեան ապագայով:

Ուրեմն, անոր ապագա՞ն.

Բայց անիկա կրկնութիւն իսկ է Սփիւռքի գրականութիւնը կարելի ընող զանգուածներուն ապագային: Փոխադրեցէք զանգուածները Հայոց հայրենիքը, ու կը մեռնի Սփիւռքի գրականութիւնը: Որքա՜ն սրտագին պիտի ողջունէինք նման մահ մը, որ իրականութեան մէջ յարութիւն, վերափառք, վերակեանք պիտի նշանակէր: «Մահւամբ զմահ կոխեաց» կ՚ըսէ մեր մէկ շարականը, որ ինծի համար կը թելադրէ հրաշքի մեր կարօտը, ծարաւը՝ իրականացած տեսնելու հայ ստեղծագործութենէն:

 

Մինչեւ այդ ցանկալի օրը, աւելորդ է եւ ծիծաղելի՝ հեռուէ հեռու պատգամ որոտալ, լուտանք, անարգանք, հերքում տեղալ Սփիւռքին գլխուն, մանաւանդ մեզի հանգանակ, ուղղութիւն սպառնալ: Այս ամէնը ժամավաճառութիւն, առնուազն սպառում, վատնում ուժերու: Հայոց այսօրուան հայրենիքը ունի իր գրականութիւնը, հարազատ ծնունդ իր պայմաններուն: Մի փորձէք զայն, այդ գրականութիւնը, պարտադրել մեզի, ոչ անոր համար, որ նուազ հայ է անիկա, այլ անոր համար, որ հայ հոգիին մէկ կերպարանքն է միայն անիկա: Այդ կերպարանքին մերժել իր իրաւութիւնը՝ սոփեստութիւն: Այդ կերպարանքը դաւանիլ հայ հոգիի ամբողջականութեան պատկեր՝ միամտութիւն:

 

Սփիւռքին գրականութիւնը կ՚ապրի մինչեւ հայ ժողովուրդին ամբողջական ամփոփումը իր պապերուն սահմաններէն ներս: Այդ ցանկալի օրէն վերջ Սփիւռքին գրականութիւնը կը դրուի թանգարան, ինչպէս դրուած են վենետիկցիներու, ռոմանթիքներու, վարժապետներու եւ էսթէթներու գրականութիւնները, Արեւմտահայ գրական արդիւնքէն հատուածներ իբրեւ: Մինչեւ այդ օրը, թող ձգեն մեզ հանգիստ: Մենք չենք կրնար չընել մեր գրականութիւնը (Սփիւռք): Մեր միտքէն չ՚անցնիր խնամարկել հայրենիքին գրականութիւնը, պարզ անոր համար, որ գիտենք, թէ գրականութիւն մը միս-մինակը չի պոռթկար  արուեստագէտին  ուղեղէն անիկա  ենթակայ է արտաքին ծանր, խիստ ազդակներու.

 

Ու այդ ազդակները նոյնքան հզօր են

Երեւան

որքան

Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Նոր աշխարհ

- այսինքն՝ այդ վայրերուն մէջ մեր աշխատաւորները կ՚ընեն իրենց կրցածը, միշտ մութ, անմերժելի ցուցմունքին տակը

- Հայոց հայրենիքի «Խորհուրդ խորին»ին, որուն առքը, ձգողութենէն վեր, տառապանքին, մաքառումի ու կիրքի բոլոր սլաքներովը մեզ կը մղէ, նոյնիսկ Սփիւռքի դժոխքին մէջէն, նայելու անդին, Հայոց գրականութեան:

Սփիւռքի գրականութիւնը, ուզեն թէ չուզեն, պարտադրութիւն մըն է

- Հայաստանեայց գրականութեան

որուն բանաձեւը նետեր եմ թուղթին, իմ երիտասարդութեան կրակովը («Մեհեան» հանդէս, 1914), որուն իրագործումը կը հետապնդեմ իմ ալեւոյթին կարելի կրակովը, մինչեւ իմ շիջումը։

1948

 

[Ծանօթութիւններ]

(1) Արեւմտահայ, ինչպէս որեւէ գրականութեան լեգէոն են մեղքերը: Եղերականը ա՛ն՝ որ մեղքն ալ եղանակի ապրանքի ըլլայ վերածելի: Ո՛չ ոք ինծի չափ տառապած է այդ մեղքերուն հաշուոյն: Բայց մինակ մեղք չէ բարացուցած այն սրբազան անդաստանը մեր ժողովուրդին: Ընթերցողը, որ ասոր ետեւէն բոլոր խաչակիր ասպետները, մեղքին եւ առաքինութեան կշիռները պարտաւոր են պահել եւ ոչ փոխանակել: Ինչ որ մեղք կը հռչակուի այսօր Վարուժանին մօտ, օրինակի համար, առաքինութիւն էր Ալիշանի մօտ հարիւր տարի առաջ: Շրջուա՜ծ մեր իմաստութիւնը: Իմ դատաստանները ամբողջութեան մը կը պատկանին: Զանոնք առանձնացնել այդ ամբողջէն, հակասութիւն գտած ըլլալու անուշիկ հեշտանքով, արդէն վէճերով ծանրաբեռն մեր հրապարակին աւելորդ հարցեր ստեղծել պիտի նշանակէր: Արեւմտահայ գրականութիւնը այսօր կ՚արհամարհուի իր սրբազնագոյն արժանիքներուն համար, մինչ մոռցուած են անոր մահացու մեղքերը, սրբագրուած ու արժանիքի բարձրացած անոր խեղճութիւնները, 1945էն ասդին:

 

  (2)  Դարձեալ, ընթերցողին ու ասոր ետեւէն բոլոր խաչակիր ասպետներո՛ւն: Մօտեցայ առանձնացման ռազմախաղին: Կ՚աւելցնեմ. Իմ տողերը, մասնաւորաբար տասնամէ մը ասդին, չեն գար կռիւի ախորժակէ մը, ոգիէ մը ու չեն ձգտիր կռիւ արծարծելու երբ յայտարարած եմ, որ վէճը անօգուտ է ամէն տեղ ու մանաւանդ գրականութեան կալուածին, ուր աքաղաղները կը մեռնին, չեն նահանջեր: Ա՛ն՝ որ այս տողերը մրոտողին նման սրահ մը բարձրանալու համար ստիպուած է համրելու սանդուխին աչքերը, ծիծաղելի Տոն-Քիշոթ մը միայն պիտի ըլլայ ապահովաբար, երբ կը փորձէ նիզակ ճօճել երիտասարդութեան, կազմակերպեալ զանգուածինգրողներու խայտաբղէտ միութիւններ-, իշխանութեան, որ մեր անուշիկ բախտէն մեր գրական ճիգը երբեմն բարիքով (արեւելահայ բանասիրութիւնը, պատմութիւնը, ուսումնասիրական արդիւնքները) երբեմն չարիքով կը խնամարկէ, յաջողածներու, տօնուածներու ընդարձակ բանակին դէմ: Բայց ա՛ն՝ որ մօտ յիսուն տարի գրական իր համոզումները պաշտպանեց աննահանջ կորովով, ու անոնց սիրոյն յանձն առաւ զրկուիլ, ուրացուիլ, հալածուիլ, միայն հրապարակի պայմաններուն յարմարուելու իր անընդունակութիւնը չէ, որ կը պարզէ հանդարտ դիտողին: Այդ մարդը իր սառն համակերպութեամբը իր ճակատագրին, այդ զոհաբերումը կը յաջողի վերածել բարոյական immunitռի մը, որուն դէմ անզօր մնալու կը դատապարտուին բոլոր խաչակրութիւնները, գրոհները: Պարզ ու յստակ են սա տողերը: Հակառակորդներուն՝ ինչպէս համակրողներուն: Այսինքն՝ հալածանքն ու գովեստը կը հասնին մինչեւ սեմը անագօրէթին, բայց չեն մտներ անոր տունը: Սփիւռքին մէջ ու Սփիւռքէն դուրս չեմ ճանչնար ազդեցութիւն մը, որ կարողանար նուաճել իմ յամառ համեստութիւնը, գրականութիւնը, ըմբռնելու եւ գործադրելու իմ եղանակը աս ու ան կողմնակի արդիւնքներու սիրոյն: Այս բառերուն ետին մի տեսնէք ունայն մեծամտութիւն, մենագարութիւն եւ ուրիշ աւելի տրտում մեղքեր: Կը հաւատամ իմ ըրածին, ու կը հաւատամ անոր արժէքին, վաղուան ու աւելի հեռու վաղերու հաշուոյն: Իմ տողերը ուրեմն հոգիներու ծովուն վրայ արձակուած թելեր են, որոնց շատը կ՚ընկղմի գուցէ առանց արդիւնքի: Բայց որոնցմէ ոմանք կրնան հանդիպիլ այն տեսակ հոգիներու, որոնք կը հաւատան ստեղծումին ազատութեան: Ընթերցողը արդեօք կը կասկածի՞, թէ պարզուկ սա տարազին ետին որքան արիւն, նահատակութիւն, ողբերգութիւն կը մնան ծուարած, անցեալին՝ մանաւանդ ներկային մէջ: Ինչ չարաշուք չարաշահութիւն մը պիտի հեղինակէր անիկա աշխատաւորներուն գլխուն, հացին, խղճմտանքին ետեւ պիտի գար քաղաքական հզօր կիրքերու, ընկերային խստեռանդն հաւատքներու, ատելութեան, նորոգման, քանդումի եւ վերկառուցման հանգանակներու մէջ պողպատեալ առաքեալներու փաղանգի մը դրօշին վրայ, իբրեւ կռիւի օրակարգ, պատգամ ու ստիպողութիւն: Կ՚անցնիմ ու կ՚ըսեմ. արուեստը կրնայ ուզածը ըլլալ, ամէն բանէ առաջ անիկա ազատութիւն է: Շատ մը սահմանումներ պատշաճ պիտի կրնային գալ, օրինակ՝ Արեւմտահայ գրականութեան: Բայց քիչ մը արձակ վերլուծման մը մէջ ես անոր կու տամ յստակ խղճմտանք մը, իմ ժողովուրդին դժնդակ, արիւնաքամ, բայց անդիմադրելի կերպով սրտառուչ ձգտումը ըլլալու, միահեծան գերութեան մը տարտարոսէն դէպի ազատութիւն, խումբ մը աշխատաւորներու գերմարդկային մաքառումովը, զոհաբերմամբ իրականութեան վերածւած: Մտածեցէք ու պիտի գտնէք, որ իրաւ կ՚ըսէ «իր ժողովուրդը դաւաճանող» մկրտուած գրագէտը, անոր ազատութեան տենչը, տենդը երբ կը հաստատէ այդ ժողովուրդին բոլոր իրաւ բանուորներուն արարքներուն մէջ: Ու ասիկա այսպէս էր 1850ին, 1880ին, 1900ին, 1910ին, 1930ին եւ այսպէս է 1950ին: Ու անգթութիւններուն ամէնէն ահաւորը՝ այս պարզագոյն, գրքերը կ՚ըսեն «անշամանդաղ» իրականութիւնը այլանդակել աս ու ան դաւանանքներու ցուցմունքներով, սա պայքարի յստակ պատգամը խեղաթիւրել ու անոր զինուորներուն ուսերուն նետել անարգանքի, մատնութեան, հայրենադաւութեան քղամիդները: Գրականութեան հոգովը գերի ինկած էջերուն պարտաւոր են խնայել քաղաքական տագնապներու ծանր անպատեհութիւնը: Կ՚անցնին սա բուռն, պղտոր, անողոք ժամանակները։ Կը թաղուին, անոնց փոշիին տակ ո՛չ միայն ատելութեան ասպետներուն կիրքերը, այլեւ՝ ամէնէն առաջ այդ կիրքերուն կոթողները, գիրքերը: Յիսուն Տարի՜: Գիտէ՞ք, թէ ինչ բռնութիւն էին Եղիայի, Չերազի, Պէրպէրեանի պահանջները, վճիռները: Այսօր այդ անուններուն ու անոնցմով մեզի եկածին վրայ մեր արգահատանքը կը քաղցրանայ միայն ու միայն այդ մարդոց հաւատքին ջերմութեամբը ու կը մերժէ անոնց գործերուն շատ կարեւոր մասերը: Ու ասիկա այսպէս, բոլոր սերունդներուն համար ալ: Անոնց գործին ամայքներուն, մեռելաստանին վրայ մենք յուզումով կը հետեւինք ոգիին, կրակի պէս իրաւ, բայց որոշ զգայարանքներով միայն սեւեռելի գոլին, որով վարշամակուած իբրեւ ապրում ինկան հոգիները մեր պապերուն, իրենց յիշատակարաններուն մագաղաթեայ գերեզմանին վրայ: Մեր գրականութիւնը (հինն ու նորերը մուտք ունին տարազէն ներս) ի՜նչ ողորմելի, ունայն փառասիրութեան մը պիտի վերածուէր, եթէ զայն արժեւորելու ատեն մեր կիրքերուն, օրերուն, բանադրումներուն ակնոցները գործածէինք ու դատէինք աս ու ան հրամայականներով: Ի՜նչ չարաշուք հոգեբանութիւն էր 1925ին մեր հաստատածը այդ դատարաններէն ներս, երբ խումբ մը խակ պարոններ Երեւանի Պետհրատը հարցապնդման ենթարկեցին, ամբաստանեցին «երետոման հոսհոսէն»՝ Պետրոս Դուրեան պատանիէն քերթուածներու փնջիկ մը հրատարակած ըլլալուն…: Սահմանէն ասդին թէ անդին, կը հրաւիրեմ ձեզ, որ պատռէք չարաշուք վճիռները Արեւմտահայ գրականութեան ճիտէն կախուած, անցնելու համար արդարութեան, ազատութեան, ստեղծագործ անկախութեան ատեաններուն: Այն ատեն է, որ երախտագէտ ու սրտագին, գորովիք պիտի այսօր հիմնովին մեռեալ յայտարարուած գործերուն մէկ կարեւոր մասին վրայ, մեր նախնիներէն մեզի կտակուած: Այս հաւաստումը չի յանդգնիր հակակշռել անշուշտ արդարութեան մեր նոր օրինագիրքերէն մահացու մեղք դասուած անցեալապաշտութիւնը, տրտում գիտակցութեան մէջ բռնութիւններէն անսպասելի լայնամտութեան: Բայց ոչինչ ունինք կորսնցնելու, երբ պատշաճ լրջութեամբ եւ ընկալչութեամբ բանաք, օրինակ, Տիկնայք փափկասունքը, Ղեւոնդեանց Նահատակութիւնը (Եղիշէ, Ը. եղանակ) ու պիտի սարսուռով համակուինք գտնելով, որ իրաւ էին ո՛չ միայն հազար հինգ հարիւր տարի առաջ այդ սքանչելի տիկինները, այլեւ անոնց արիւնէն սերած մեր սրբազան վկայուհիները, տակաւին երէկ, «աշխարհասասան» աղէտին բովանդակ անսահմանութեանը երեսին: Այսօր ալ իրաւ է ու սրտառուչ, ահաւոր իրաւութեամբ, Նորահրաշ պսակաւորը, հակառակ անոր, որ Ս. հոգին չէ, որ կը զինէ մեր հաւատքին զինուորները: Ասոնք պատահակի նետուած նկատողութիւններ չեն սա էջերուն: Լման կեանք մը կը մնայ իմ ետին՝ սպառելու սահմանուած՝ նման կտորներուն թելադրանքն ու հրաշքը: Մէկդի՝ ուրեմն, միամիտ, անգութ խտրականութիւնը, ինքնաբաւութիւնը, նոյնիսկ արդար ինքնաբաւութիւնը մեր օրերու հանգանակներուն, որոնց չէք մերժեր անշուշտ որոշ բարիք, հայ հոգիին սպասին: Հայոց հայրենիքին «Խորին խորհուրդը» սրբազան պողոտա՜յ՝ հայ հոգիին գիւտին, ամբողջացման:

Կ՚ընդունիմ: Բայց այդ խորհուրդին զգայարանքը մերժել անոր համար պայքարած, անով խենթեցած եղբայրներու՝ ահա անմարդկայինը, անընդունելին: Հայոց գրականութիւնը (հինը, նորերը, Սփիւռքը) հանդիսարանն է հայ հոգիին ամէնէն թելադրական կերպառութեանց: Դադա՛ր՝ այս սրբազան ըմբռնումին, այս սրտառուչ հաւատքին մէջ բռնադրուիլ փորձուած խրամատային հոգեբանութեան: Սփիւռքը մէկն է այդ կերպառութիւններէն, ոչ նուազ հարազատ, քան ա՛ն՝ որ կը փառաւորուի այսօր Արարատի շուքին: Դադա՛ր՝ այդ Սփիւռքը մեկենասելու, ուղղելու, վարելու մտահոգութիւններուն: Սփիւռքը կը կարօտի ամէնէն առաջ հայոց հոգիին, որ միակ ազդակն է զինքը պաշտպանելու կարող հազար ու մէկ վտանգներու դէմ, օտար հողէն, մշակոյթէն այնքան «խօլաբոյս» խուժող իր վրայ:

 

  (3) Իմաստուններու, չիմաստուններու, հակառակորդներու, ինչպէս հանդուրժողներու, չըսելու համար համակիրներու փաղանգ մը ունի գոյութիւն, որ իմ հերքումները, մերժումները, հիացումները կ՚ախորժի ինծի դէմ օգտագործել, Օշականը հակասութեան մէջ բռնած ըլլալու անուշիկ փառասիրութենէն վեր ալ մտադրութիւններով: Ստեղծուած է եղանակ մը Օշականի դատումները առանձնացնելու իրենց շրջանակէն, պայմաններէն ու ցուցադրելու: Այդ քիչ պարկեշտ, չըսելու համար անպարկեշտ ռազմախաղին դէմ չէ, որ կը պաշտպանեմ ինքզինքս հոս: Հայոց գրականութենէն իմ հաստատումները դրականմիշտ կու գան մեր գրականութեան յաջողուածներէն: Մենք ենք, որ պիտի մերժէինք վրիպանքը Պ. Դուրեանի ազգայնական քերթուածներուն, այսինքն՝ պիտի անուանէինք հակասութիւն, այդ վրիպանքը ըսելու մեծահանճար քերթողին փառքէն նուաճուած: Բայց Խրիմեան Հայրիկին վրայ այդ պատանիին քերթըւածը սրբապղծութիւն մըն է, առանց այլեւայլի: Կ՚ըսեմ ասիկա ու կ՚անցնիմ: Իմ հաստատումները ժխտական միշտ կու գան մեր գրականութեան ձախողանքներէն, յաջողուածքներէն շատ աւելի իրաւ, ստուար, անծածկելի: Ահա պարզ խօսքեր: Այս ճշդումն ալ անոր համար որպէսզի մարդիկ ժամավաճառ չըլլան մեղքեր հաւաքելու: Ամէն դատում facteէն մը կը մեկնի, անով է պայմանաւոր. անկէ դուրս անիմաստ, հակասական դառնալու կամ չդառնալու բախտով մը: