ԱՆԱՊԱՏԻ
ՔԱՐՈԶ
Երեքշաբթի,
10
Յունիս
1929
Անապատի
քարոզ
մը
չեմ
կարծեր,
որ
ուրիշ
ճակատագիր
ունենայ
շարքը
այս
նոթերուն,
նման
ու
հետ
այն
քարոզներուն,
որոնց
կոտրուած,
չըսելու
համար
յուսակտուր
մրմունջը
ատենը
հեղ
մը
կը
համարձակի
արթննալ
աւազներուն
մեռելութենէն,
փառահեղ
ոստաններու
պերճանքին
կուշտէն,
դողալ
քանի
մը
վայրկեան՝
տրտում
ու
ակնկառոյց՝
ինչպէս
սովորութիւն
է
ըսել
յոյսին
պատկերներուն
հետ
ու,
ջախջախուած,
բայց
ողջ,
վերադառնալ
իր
ոսկի
թմբիրին։
Գիտենք
ատիկա։
Բայց
մենէ
վեր
մղումներ
մեզ
կը
ստիպեն
մուրացկան
այս
եղերանուագին։
Ու
հարկ
է
կրկնել
զայն,
այսօր,
վաղը,
քիչ
մը
ամէն
ատեն։
Վասնզի
ժողովուրդները
կ՚ապրին
այդ
ու
նման
մեղեդիներով։
Ու
կը
մեռնի
այն
ժողովուրդը,
որ
իր
հոգիին
ականջները
խցած
է
ուրիշ
աղմուկներու
կամ,
երբ
շատ
պարարտ,
շատ
ընչեղ՝
ինչպէս
կարելի
է
պիտակել
մեր
ամէնէն
փարթամ
գաղութը,
Եգիպտոսը,
կը
մոռնայ
իր
պապերուն
ճամբան։
Այդ
ճամբան։
Որուն
հմայքը
այսօր
կը
թուի
անցած
ըլլալ
ուրիշ
կերպարանքի։
Երէկ՝
անիկա
մեր
կաթողիկէներուն
մագնիսն
էր։
Այսօր՝
անիկա
անուն
չունի։
Ու
այդ
պապերուն
տղաքը
մեղադրանքին
տակն
են
ցեղային
ինքնասպանութեան։
*
*
*
Ինծի
կու
գայ,
թէ
հարկ
է
քիչ
մը
աւելի
ընդարձակել
«քարոզ»ին
շրջանակը։
Պարսաւին
բուն
մասերը
սովորութիւն
ըրած
ենք
սահմանել
բացառիկ
խստութեամբ
մը
այն
դասակարգին
գլխուն,
որ
դարէ
մը
ասդին,
կրցածին
ու
հասկցածին
չափ,
աշխատեցաւ,
որքան
կարելի
է
քիչ
տուժով,
իր
պապերուն
կտակը
գոնէ
քաշքշել
իր
ետեւէն։
Եթէ
շատ
մը
տեղեր
անոր
ճիգը
վերածուեցաւ
շքեղ
ու
քարացած
կաթողիկէներու
սա
ամուլ
փառքին,
որ
հնդիկ
ոստաններու
հնամենի
տեքորը
կը
կազմէ
այսօր
ու
նուաճուած
է
ընդմիշտ
խոտէն
ու
մենիկ
ձանձրոյթէն,
վրիպանքին
պատասխանատու
կը
մնան
քարոզողները
նորէն։
Աւելի
մօտ
շրջաններու,
անոր
միտքը
բարձրացաւ
մինչեւ
գաւիթները,
մինչեւ
դպրոցներուն
նիւթական
կառոյցն
ու
անոնց
հոգեկան
ուժին
ձախաւեր
ու
տափակ
ըմբռնումը
միայն,
ու
շնչասպառ
մարեցաւ
անոնց
սեմերուն։
Բայց
մեղադրանքի
քիչ
բաժին
ունի։
Բռնեցէք
օձիքէն
միւսներուն։
Անո՛նց`
որ
այդ
կառոյցէն
ներս
պիտի
պաշտօնը
մշտնջենաւորէին
մեր
սրբազան
երազին,
հայրենի,
հայկական
կտակին։
La
trahison
des
chères.
Այո։
Ու
ահաւոր
ձեւով
մը
ճիշդ
է
ասիկա
մեր
ժողովուրդին
համար։
Այո։
Պէտք
է
հանգիստ
ձգել
մեր
քաղքենին։
Նախ
մեր
շահուն
համար
պէտք
է
հեռացնել
անոր
փորին
կորագիծը
մեր
իմացական
հոգիներուն
վրայէն։
Շփացած
ու
հաստցած
քաղքենին
իր
մտապատկերները
պիտի
կրնար
պարտադրել
մեզի,
գրողներուս
աղկաղկ
դասակարգին։
Թող
անիկա
իր
շինած
ժամերուն
կրկներեւոյթովը
ոգեւորուի
ու
մոռնայ
մեզ։
Քարոզը
պէտք
է
«ատրաշէկ»
ընել
միւսներուն
գլխուն։
Ու
լեգէոն
են
անոնք։
Ու
բանակն
է
անիկա,
զոր
կարելի
է
անուանել՝
—
Միջակութեան
բանակը,
ինչպէս
ունի
Ամերիկան
իր
Փրկութեան
բանակները։
*
*
*
Ո՞րն
է
գրականութեան
մը
մեծագոյն,
անողոք
թշնամին։
-
Միջակութիւնը։
Ու,
մանաւանդ՝
-
Միջակութեան
պաշտամունքը։
Դժբախտաբար
տարազը
փարատոքսի
չքմեղանքն
ալ
չունի
իր
ետեւէն։
Անիկա
մերկ,
անառարկելի
իրականութիւնն
է։
Համոզուելու
համար՝
կը
բաւէ
նայուածք
մը
նետել
ընդարձակ
ու
խայտաբղէտ
այն
հանդիսապարին,
որուն
կը
վերածուի
հետզհետէ
մեր
ժամանակներու
արուեստը։
Ուշադիր
եղէք՝
ձեր
մտքին
մէջ
ամուր
սեւեռելու
համար
հիմնական
կաղապարները
անոր
կերպարանափոխումներուն։
Նոյնպէս
տրամադրուեցէք
հանդէպ
անուններուն,
վայելքներուն,
գնահատանքին
ու
դատումներուն։
Չարչարեցէք
ձեր
տրամաբանութիւնը՝
ըմբռնել
կրնալու
համար
«հեգնանք»ը,
որուն
մէջ
կը
թաւալի
այդ
բիւրագլուխ
զանգուածը։
Բայց
չարչարուեցէք
մանաւանդ
հասկնալու
համար
համբաւը
անոնց,
որ
կը
վարեն
հսկայական
այդ
պարը
[1]
։
Այս
ամէնուն
մէջ,
մեզ
տպաւորողը
միջակութիւնն
է,
մաքրուած,
զտուած
ու
բուրումնածոր
զարմուհին
մեր
հաստ
քաղքենիներու։
Անոր
հետ
կը
շփոթուի
իր
լինելութեան
ընդհանուր
գոյնովը։
Բայց
մանաւանդ
անոր
հոգեկան
աշխարհին
գրեթէ
հաւատարիմ
կրկնութեամբը։
Բայց
ինչ
որ
երեւոյթը
կ՚ընէ
աւելի
գձուձ,
չըսելու
համար
աւելի
եղերական,
նոր
ժամանակներու
մէջ
անոր
զգեցած
ուղղափառ,
առաքելական
տիեզերականութիւնն
է։
Միջակութիւնը
հիմա
իր
զրահանքին
վրայ
աւելցուցած
է
հին
ու
նոր
քաղաքակրթութեանց
բոլոր
նուաճումները։
Ու
իր
պաշտամունքը՝
շատոնց
լքած
իր
մասնակի
տաճարները,
կը
կատարուի
արձակ
ու
փառաշուք
տօնաւորութեամբ
մը։
Ամբողջ
երկրամասեր,
նոյնիսկ
ովկիաններ
անոր
հանդիսութեանցը
համար
յարդարուն
ամփիթատրոններ
կը
մնան։
Թելը,
անթելը,
ռատիոն
կը
մրցին
իրարու
հետ՝
ժամ
առաջ
անոր
հասցնելու
պաշտամունքին
սխրալիր
տարազները։
Ու
յուսահատեցնող
լրբութիւն
կայ
այս
ցուցադրումին
մէջ,
որ,
նուազելու
տեղ՝
կը
զօրանայ։
Անցեալին
մէջ
ան
խոժոռ
վերապահութեամբ
մը,
արհամարհանքով
մը
կը
թողուր
լուսանցքին
վրայ
ստուերը
տօնաւերներուն,
որոնք
միշտ
ալ
չեն
պակսած։
Անոնք
զգացած
են
աղէտը
ու
զայն
պատմած
ալ։
Ազնուական
ու
տեւական
արժէքին
տարփաւորներ,
անոնք՝
«անապատի
գերազանց
քարոզիչներ»ը,
յաճախ
անկարող
մնացին,
քիչուոր
ըլլալնուն,
հակազդելու
օրուան
ճաշակներուն։
Բայց
անոնց
մտրակը
չէ
մարած
իր
զայրոյթին
մէջ
ու
դարէ
դար
հնչած
է
ան
փղշտացիներուն
կռնակին։
Մեր
օրերուն
քանի
մը
գրագէտներ
յաջողած
են
անոր
սահմանները
հաստատել
ու
խուզարկել
անոր
ունայնութեան
բեւեռները։
Ֆլօպէռի
անհուն
նողկանքը,
որ
անմոռանալի
homaisին
վրայէն
(Madame
Bovary)
կը
տարածուի
մինչեւ
Պուվառն
ու
Բէքիւշէն,
օտար
պիտի
չգար
միջակութեան
միւռոնին։
Ու
Նիցչէի
"La
morale
du
troupeau"
որակումը
դուրս
չի
ձգեր
փղշտացիութիւնը
իր
խորանէն։
Օ՜,
վսեմ
տարազը
անոր
բանակին։
—
…
Բայց
կարաւանը
կ՚անցնի։
Աւելորդ
է
մեկնութիւնը։
*
*
*
Փղշտացին
բարեմոյն
է,
երբ
«հաճ
ու
հաւան»
իր
անզգածութեանը
մէջ,
ուրիշներուն
վրայ
գթալ
կը
փորձէ։
Վտանգաւոր
կը
դառնայ,
երբ
հիմնովին
կ՚անգիտանայ
ինքզինքը։
Ան
ո՛չ
միայն
չի
հասկնար
իր
քայլերուն
հետեւող
աւերը,
այլեւ
կը
բիւրապատկէ
իր
առաքելութիւնը
աննուաճ
եռանդով։
Ինչ
որ
կ՚ընէ՝
կ՚ընէ
ատիկա
անհուն
ու
անայլայլ
հաւատքով
մը։
Այս
պատրանքով
հովանաւոր,
անիկա
արբշռանքն
ունի
աշխատանքին։
(Թերեւս
տգեղ
ուրացում
մը
միայն
կարծէ,
երբ
յիշեցնեն
իրեն
առակին
կապիկը)։
Ու
հոս
է
հանգոյցը
իր
հմայքին,
ամէնէն
առաջ
ինքն
իր
վրայ,
յետոյ՝
շրջապատին։
Վասնզի
ամէնէն
աւելի
ան
է,
որ
գիտէ,
թէ
թիւի,
զանգուածի
այս
դարուն
կշիռը
որակին
չէ,
որ
կը
համեմատուի։
Գիրքերու
շարք,
հանդէսներու
շարք,
բանախօսութեանց
շարան։
Ան
իր
ուժը
կ՚առնէ
այս
դէզերէն,
մարտկոցներէն
(pile)։
Անկարելի
է
բառերով
բացատրել
միապաղաղ,
աստուածային
գոհունակութիւնը
մարդուն,
որ
տարին
անգամ
մը,
հնդկահաւի
մը
պէս
յոխորտ
ու
խորհրդաւոր,
թուխսի
կը
մտնէ
ու
իր
հատորը
կը
մատուցանէ
հանրային
հարստութեան։
Անփոխարինելի
է
իր
պատրանքը։
Ու
իր
պարտքը
կատարած
մեծ
քաղաքացիի
քիչ
մը
զարմացկոտ,
բայց
յետոյ
մարսուած
միամտութեամբը
կը
հաճի
նայիլ
«լուսանցքին»
շպարուած,
մռայլ
աղանդաւորին,
որ
կը
յամառի
տեւել
իր
կղզիացումը
ու
չդառնալ
իր
կրունկներուն։
Ի՜նչ
արգահատանք,
ի՜նչ
մեղքնալ
է
իրը,
երբ
կը
խօսի
շուրջի
պանդոյրներուն
«պղերգ
ու
չաշխատող»
պուետին
վրայ,
որ
քերթուած
մը
սկսած
է
երիտասարդ
օրերուն
ու
ճերմակ
մազերուն
տակ՝
տակաւին
չէ
աւարտած
զայն։
Ու
առատ,
ու
բարի,
ու
բարձր,
ու
թուքոտ՝
ան
կը
պատգամէ
քաղցր
հաճոյքը
սրբազան
աշխատանքին.
ու
անոր,
ազգանուէր
գործունէութիւնը
սխրանքով
կը
յարի
յոբելեանի
մշուշին,
որ
ծայր
տուած
է
արդէն։
•
Հինգշաբթի,
20
Յունիս
1929
Յաճախ
լայնածաւալ
կազմակերպութիւն
մըն
է
փղշտացին,
ամրակուռ
ու
չար։
Ու
անոր
տիրակալութիւնը՝
անողորմ
ու
միակտուր
բռնապետութիւն
մը,
որ
զարտուղումի,
ընդվզումի
բոլոր
փորձերը
կը
խեղդէ
ջերմեռանդ
նախանձով
մը։
Ու
անոր
յարձակողականը՝
բուռն
ու
տարերային
գրոհ
մը,
որ
կ՚աւլէ
հրապարակը։
Ու
անոր
անպատմելի
սրտմտութիւնը,
որ
դիւցազներգական
բարձրութեանց
կը
հասնի,
երբ
չի
յաջողիր
«խելքի,
կարգի»
բերել
զառածածները։
Հայհոյութիւնը,
հալածանքը
իր
բոլոր
երանգներով
չեն
զովացներ
իր
զայրոյթը։
Բայց
ահա
աւելի
դժնդակ
մէկ
տակտիկը
անոր։
-
Լռութեան,
ուրացման
պաշարողականը,
որ
շատ
հեռուներէն
կը
պեղէ
իր
խրամները
եւ
«հեշտագին»
կը
սպաննէ։
Ու
զզուելի
է
ան,
երբ
կը
հեգնէ։
Զարտուղիներուն,
անկախներուն
հանդէպ
այնքան
դաժան
ու
մեզերա՝
միջակութիւնը
սիրածոր,
սրտառուչ,
երիտասարդ
եղբայրակցութիւն
մըն
է,
լայնադիր,
խորագորով
ու
վսեմ…։
Տեսակ
մը
կրօնական
հաղորդութիւն,
ուր
կը
մտնեն
երկիւղած
ըղձաւորութեամբ,
ճի՛շդ
այն
ապիմացութեամբ,
որ
կը
դիտուի
կրօնքներու
ծաւալման
պարունակէն։
Առնուազն
յուզիչ
բան
է
տեսնել
ոգիի
ու
միտքի
այս
փոխադարձ
հեշտացումը,
ընդարձակ
երկրամասերու
է՛ն
խուլ
անկիւններէն
իրարու
մատռուակուող
այս
սրբազան
պաշտամունքը։
Ոչ
միայն
այսքան։
Անոր
միջոցները
ամենազօր
են
ու
վճռական։
Ան
գիտէ
եղանակը
փնտռելու,
գտնելու
ու
իր
այնքան
առատ
դիրքերուն
ու
նպաստներուն
մէջ
արժեւորելու
իր
նմանները
բոլոր,
հոգ
չէ
թէ
ծովեր
ու
աշխարհներ
անդիէն
գան
անոնք
իրեն։
Ու
անոր
դրօշը
կը
վարձատրէ
իր
ծառայողները։
Այս
ամէնուն
մէջ,
տարօրինակը
անոր
այս
միահեծան
կայսրութիւնը
չէ
սակայն։
Տարօրինակը
ա՛յն
է,
որ
միշտ,
ամէն
ժողովուրդի
մէջ
ալ
գտնուին,
կարելի
ըլլան
միւսները,
քիչուորները,
որոնք
ազատին
ամէն
տեղ
հասնող
այս
ցանցին
շաղապատումէն։
Աւելի՛ն.
նիզակ
ճօճեն
անոր
դէմ
ու
արիւն
ալ
թափելու
չվարանին։
Մեծ
ու
յառաջացած
քաղաքակրթութիւնները,
այս
իսկ
հանգամանքով,
վերջ
ի
վերջոյ
ձեւ
մը
կը
ճարեն
աղէտին
յարմարելու
ու
չէզոքացնելու
անոր
ազդեցութեան
յառաջհայեաց
թափը
(թէեւ
գրականութեանց
պատմութիւնը
կը
հաստատէ
վճռական
պարտութեան
դէպքեր
քանի
մը
դարու
պարունակով
մը։
Այս
տեսակէտէն
բաւարար
փաստ
կը
ներկայացնեն
կրկնակ
Ամերիկաները,
ուր
միջակութիւնը
այլեւս
անճանաչելի
դարձած,
սուրբ
ու
անխորտակելի
աստուածութեան
մը
վերածուած
է
եւ
ուր
ոչ
ոքի
մտքէն
կ՚անցնի
կասկածիլ
անոր
վաւերականութեանը
վրայ)։
Ու
ընթացիկ,
փառաբանուած
գործերու
համագրաւ
ստուերին
մէջ
արտօնուին,
բռնի,
բայց
քէնուած,
զարտուղիները։
Շուքի
դատապարտուած
այս
կեանքներուն
դէմ
նիւթուած
ողբերգութիւնը
դուրս
է
տարրական
մարդկայնութենէն
իսկ։
Բայց,
կ՚անցնին
շրջանները,
իրենց
այնքան
շքեղ
ցոյցերովը,
այնքան
ծաղկաւէտ
թափօրներով։
Ժամանակը
կը
թաղէ
այդ
յուզիչ
մրցահանդէսները
[2]
։
Ու
լաւ
է,
որ
մոխիրը
ծածկէ
կաւէ
այդ
փառքն
ու
փառաբանութիւնը։
•
Ուրբաթ,
21
Յունիս
1929
Մեր
փոքր
գրականութիւնը,
որ
կը
կրկնէ
մեր
ժողովուրդին
աւելի
թերութիւնները,
քան
առաքինութիւնները,
իր
վերջին
յիսնամեակին
մէջ
քանի
մը
անգամ
անցաւ
աղէտի
գօտիէն։
Եթէ
դիմացաւ
անիկա,
պատճառը
այն
է,
որ
անոր
չպակսեցան
նզովուած,
բայց
ուխտով
անկախները։
Հիմա՞։
—
Ինծի
համար
խորունկ
է
վախը,
թէ
այդ
գրականութիւնը
իր
վերջին
տարիները
կ՚ապրի։
Ու
հարկ
է
մասնաւորումներով
մօտենալ
այս
դժբախտութեան
ու
լոյս
նետել
«գայթակղեալ»
մտքերու
մէջ։
Տեսէք
ամէնէն
առաջ
Մայր
Երկիրը։
Այն
հատուկտոր
էջերը,
որոնք
ով
գիտէ
ի՛նչ
հրաշալի
ճամբորդութիւնով
կը
հասնին
մեզի
մեր
ժողովուրդին
կեդրոնէն,
-հանդէս,
գիրք
ու
թերթ-
փաստեր
են
անհուն
ու
սրբազան
միջակապաշտութեան
մը,
որուն
նմանը
դեռ
չէ
արձանագրած
գիրքերու
մեր
պատմութիւնը։
Աւելորդ
է
զբաղիլ
երեւոյթին
պատճառներովը,
որոնք
շատ
դիւրութեամբ
կը
ճարուին
եւ…
ոչինչի
կը
ծառայեն։
Բայց
չեմ
կրնար
չծանրանալ
էականին
վրայ.
—
Ուխտուածները
կը
պակսին։
Կը
պակսին
անոնք
հոն,
մեր
ժողովուրդին
ոչխարութեանը
վերեւ,
որուն
ծամելիքներուն
հասողութեանը
դիմաց
կը
տարածուի
հասարակաց
խոտը,
յուսահատական
միօրինակութեամբ
մը։
Ու
մէկը
չկայ,
որ
սիրտ
ընէ
ստորին
սնունդին
յափրանքը
պոռալու
իշխողներու
երեսին։
Յետոյ։
Աղէտը
կարգախօսի
մը
հետեւանք
ըլլալուն
չափ,
արդիւնք
է
գուցէ
ընդոծին
ծուլութեան
մը,
գիտուններուն
բառովը՝
անգործութեան
այն
տիրող
օրէնքին,
որ
մեզի
կ՚ընկերանայ
մեր
բոլոր
ձեռնարկներուն,
աւելի
հաւատարիմ,
քան
մեր
շուքը։
Ծնունդն
է,
ոչխարնալու
մակաղումի
բնազդին,
որ
մեր
ամէնուս
անդրագոյն
հոգեվիճակն
է
եղած
եւ
որուն
դէմ
հակազդեցութեան
չափը
աստիճանացոյցն
է
քաղաքակրթութեանց
ու
ասոնց
քովէն՝
ամէն
արուեստի։
Վասնզի,
արուեստին
համար
նախանիւթը
անարժէք
ըսուելու
չափ
անկարեւոր
հարց
է
(բանուոր
կամ
կայսր,
մարդը
նոյնն
է
իր
հիմնական
զգայնութիւններուն
մէջ)։
Ու
արուեստը
այն
սքողուն
ու
սրբազան
աշխատանքն
է,
որով
կը
բանին
բանուորի
հոգին
ու
անկէ
կը
հանեն
նոր,
ամբողջ,
աւարտած
Իրը
-ա՛ն՝
որ
քերթուած,
վէպ,
նկար,
նուագ
եւ
այլ
անուններ
կ՚առնէ
եւ
որ
նոյն
ու
միակ
հողն
է
բոլոր
գոյացութիւններուն,
դեռ
աստուծոյ
մը
քուրան
չինկած։
Ու,
արհամարհուածը
հոն,
մեր
երկրին
մէջ,
ճիշդ
այն
համբերատար
երկունքն
է,
որ
գործերը
եւ
գործողները
իրարու
կը
կապէ
ամենախորունկ
զգացումով։
Արհամարհուածը՝
նպատակին
ետեւէն
անշահասէր
նուիրումն
է
(որ
փոխուած
է
հոն
արդիւնքի
ընչաքաղց
ախորժակին).
կաւէն
դէպի
բիւրեղը՝
ներքին
կիզումով՝
հիւլէ
առ
հիւլէ
ամբարձումն
է,
բոլորն
ալ
տաժանքով
ու
խորութեամբ
նուաճուելիք
գործողութիւններ,
որոնց
ընթացքին
հողին
գուղձը
կը
վերածուի
վանականի,
ու
հասարակ,
հաստ
զգայնութիւնը՝
արուեստի։
Անորակելի
է
հոն
մթնոլորտը,
որ
պարտադրուած
է
մտքի
ստեղծումներուն։
Ես
չեմ
տարուիր
հոն
արտօնուած,
բռնի
ուզուած
բոլոր
յանդգնութիւններէն։
Մտահոգ
ալ
չեմ
տապալուած
արժէքներուն
անփոխարինելի
կորուստովը։
Անորակելին
հո՛ն
է,
որ
առտուն
կանուխ
արթնցողը
մինչեւ
կէսօր
չի
սպասեր
վիպող
դառնալու։
Իրիկուան,
անիկա
պոետ
է
արդէն։
Այս
հեքիաթունակ
արարողութիւնը
ներելի
է
ամէն
անոնց,
որոնք
բառ
մը
բառի
մը
քով
կը
դնեն
այն
կարգով,
որ
կօշկակարը
գամը
կը
դնէ
գամի
մը
քով։
Ասիկա
արուեստն
է,
նոյնքան
բնական,
օգտակար,
որքան
շահ
է
կօշկակարին
մօտ։
Այդ
դժնդակ
պատկերին
ամբողջ
ողբերգութիւնը
ո՛չ
միայն
չի
նշմարուիր,
այլ
մանաւանդ
ամէն
ջանք
չի
խնայուիր,
զայն
ներկելով՝
իբր
միակ
կարելի
երանութիւնը
ներկայացնելու։
Այլապէս,
Երկրէն
դուրս
անոր
պաշտամունքը
պիտի
չունենար
նոյն
գիտակցուած,
պարտադրուած
պատրանքը
[3]
։
Կրկռոցը,
շաղակրատ
հեղեղը
մեծ-մեծ
բառերուն,
կայծկլտուն
տարազներուն,
որոնք
կը
վազեն
շողիքոտ
բերաններէ.
—
Պուրժուա
արուեստ,
լագէի
արուեստ։
Չեմ
վրդովուիր
այս
արհամարհանքէն։
Ու
անմիջապէս
յետոյ՝
զգուշութեամբ
ականջ
կու
տամ։
—
Ժողովուրդի,
բանուորի,
պրոլետարի
արուեստ…
Ա՜խ,
այդ
աղանդաւոր,
այլամերժ
կատաղութիւնը,
որ
օտար
չի
գար
սակայն
ինծի
ու
կ՚ըսեմ.
—
Այո։
Բայց
այո։
Հազար
անգամ
այո։
Ձեր
պոռացածէն,
երեւակայածէն
իսկ
զօրաւոր՝
այո։
Անշուշտ
կ՚ակնարկէք
ձեր
այդ
տարազներովը
արուեստի
այն
երազին,
որուն
նախանձութիւնը
պիտի
կազմէ
զանգուածը,
այսինքն՝
Աստուծոյ
ստեղծածներէն
ամէնէն
տխուր
ու
դժբախտ
ու
ձախորդ
կենդանին,
որուն
խորը
դիզուած
հսկայական,
բայց
ուրացուած
գեղեցկութիւնը
թերեւս
կը
դիմագրաւէ,
միս-մինակը
միւս,
բախտաւոր
կարգերով
իրացուած
բազմադարեան
նրբութիւնները,
բոլոր
այն
բաները,
որ
վարժուած
ենք
գլուխ-գործոցներ
անուանելու։
Անշուշտ
աշխատանքին
մէջ
կարծրացած
կոշտ
ձեռքերուն
պատմած
խռովքը
կ՚ուզէք
մատնանշել
մեզի
ու
կը
ճակատէք
զայն
նուաղուն
ու
շղարշուած
փափկութիւններուն,
որոնք
ազգերու
գրականութիւնները
կը
լեցնեն։
Ըսել
կ՚ուզէք,
թէ
ձեր
խանդավառութիւնը
կ՚երթայ
այն
անհուն
յուզումին,
որ
կը
պտտի
ողբերգական
եւ
հզօր,
«բորբ»
ու
խորտակող՝
ամբոխներուն
ծոցն
ու
վրան։
Հոն
կոտտացող
կեանքին
խտութի՞ւնը,
խորութի՞ւնը,
ուժգնութի՞ւնը,
որոնք
թերեւս
կը
գերազանցեն
-երբ
առարկայացուին-
ինչ
որ
մինչեւ
հիմա
արուեստներուն
տուած
է
միւսներուն,
իշխողներուն
հոգին։
Բայց
ո՞վ
է
մեր
մէջ
ա՛ն՝
որ
մտքէն
հակառակը
անցնէ։
Ձեզի
հետ
ենք,
եղած
ենք
մեր
բոլոր
ուխտերովն
ու
ատելութեամբը։
Միայն։
Ներեցէք,
որ
ձեզի
պէս
միամիտ
չըլլանք՝
հաւատալու
համար,
թէ
այդ
հսկայական
նիւթին
նուաճումը
դիւրին
ըլլայ
այնքան,
որքան
կը
կարծէք
դուք
բոլորդ
ալ,
որ
«պրոլետար
գրողներ
Խ.
Հայաստանի»
կը
տիտղոսէք
ձեզ
ու
կը
նստիք
ձեր
թուղթին
դիմաց,
առանց
տառապանքի,
ու
բառերը
կը
կապէք
բառերուն։
Ուրացէք,
ջարդեցէք,
ատեցէք,
քար
քարի
վրայ
մի՛
թողուք։
Ամէն
կրօնքներու
ներուած
են
այս
կիրքի,
պայքարի
երեւոյթները։
Բայց
երբ
իյնաք
ձեր
կրակէն,
այսինքն՝
մեզի
պէս
պարզ
կաշիի
մը
տակ
մտնէք,
խորհեցէք
մնացածին
այն
ոգեղէն
ու
աղուոր
կառոյցին,
որ
ձեւերէն
ետքը
կը
դիմանայ
ու
պիտի
շինէ
ինչ
որ
ազգի
մը,
ժողովուրդի
մը
անկորնչական
հոգին
կ՚անուանեն։
Հո՞ս։
Բայց
բառերը
բառ
են
միայն
ու
աւելի
խեղճ,
քան
զանոնք
շարժողը,
կառավարող
մատները։
Ա՞յն
ատեն։
-
Ես
կը
սպասեմ.
կը
պահանջեմ
նոր
յեղափոխութիւն
մը,
որ
յաջողէր
փոխել
աճպարարի
վայել
այս
անփութութիւնը
հանդէպ
ձեր
գործին։
Ու
երբ
զանգուածին
ութ
կամ
աւելի
պակաս
ժամ
կը
պարտադրէր,
ձեզի
պարտադրէր
գոնէ
օրական
երկու,
նոյնիսկ
մէկ
ժամ
աշխատանք։
Որ
բրտութեամբ
ձեզի
սորվեցնէր,
թէ
կօշիկ
մը
շինելու
համար
պահանջուած
ճաշակը
նոյնը
չէ,
չի
կրնար
ըլլալ`
քերթուած
մը
շինող
ձեր
«գրագիտութեան»
décrété
հարկադրանքին
հետ։
Այս
տողերը
ոչի՛նչ
ունին
պուրժուա
կամ
լագէյ։
Ու
կ՚ըսուին
այս
մտածումները
քիչ
մը
ամօթխած
տառապանքով
մը։
Վասնզի
բառերու
պայքարը,
փցուն
բանավէճերը
անարժան
գալու
էին
թէ՛
մեզի,
թէ՛
անոնց։
Ըրէք
ամէն
բան,
բայց
միջակ,
տափակ
չըլլալու
գնով։
•
Շաբաթ
22
Յունիս
Ասդին,
այսինքն՝
այն
գաղութներուն
մէջ,
ուր
իմացական
կեանքի
բոլոր
կարելիութիւնները
չեն
պակսիր,
ուր
ի
զօրու
չէ
մանաւանդ
Դեկրետը,
մեր
գրականութիւնը
չի
ներկայացներ
աւելի
բախտաւոր
պատկեր
մը։
Աւելորդ
է
հոս
ալ
փնտռել
ու
գտնել
ծանօթ
փաստերը
այս
անկարութեան։
Մեծագոյն
վէրքը
գաղութներու
գրականութեան,
կազմախօսական
անարիւնութիւն
մըն
է,
որ
մօտաւոր
անցեալին
մէջ
սպառեց
Պոլիսը
եւ
զոր
դարմանել
ջանացին
գաւառէն
հետզհետէ
հասնող
նոր
արիւններ։
Փափկացած,
մայր
հողին
անփոխարինելի
աւիշէն
կտրուած,
ու
նետուած
օտար
տափաստաններու
օտար
հոգիին,
այդ
գրականութիւնը
վերջին
քանի
մը
տարիներու
ընթացքին
կը
շահագործէ
իր
գերագոյն
պահեստը։
Պարպուած
Պոլիսէն
ետքը,
ուր
աւազանուած
էր
մեր
ցեղին
ամէնէն
կենսունակ
բխումը,
մեր
որբերուն
հեքիաթային
սերունդը,
ինչ
որ
տեսանք
Եւրոպա
ու
Ամերիկա,
գեղեցիկ
էր
մեզի
յոյսեր
ներշնչելու
աստիճան։
Բայց
պիտի
կրնա՞յ
սպառումը
դիմակալել։
Հոս
է,
որ
տարակոյսը
կը
ներկայանայ,
հեգնող
ու
դաժան։
Վասնզի
այդ
սերունդին
ալ
կը
պակսին
ուխտուածները։
Հասնող
սերունդը,
ինչ
ալ
ընենք,
կայ
անիկա,
հակառակ
մեր
լռութեան,
հեգնութեան,
ուրացման
կամ
հայհոյանքին,
հակառակ
նոյնիսկ
մեր
երբեմնակի
շողոքորթ
ու
հաշուըւած
հիացումին,
հազիւ
ուժ
կը
գտնէ
իր
տաղանդը
քանի
մը
տարիներ
գոնէ
իրեն
հետ
կրելու։
Ան
կը
յոգնի
շատ
կանուխ։
Մտցուցէք`
այս
տկարացումը
փրկելու
համար`
ձեր
բոլոր
անհերքելի
համոզկեր
փաստերը,
ու
անոնց
մէջ
ամէնէն
առաջ
փորին
հարցը։
Մտքէս
չ՚անցնիր
կասկածի
ենթարկել
անոնց
արդարութիւնը։
Միւս
կողմէն,
սակայն,
չէ
կարելի
ծածկել
թռիչքին
խորտակումը
գրեթէ
բոլորին
քով։
Զարտուղումի
քանի
մը
յախուռն
փորձերէ
վերջ
ան
այդ
սերունդին
ընդունակ
նկատուածը
-ճիտը
ծուռ,
կը
մտնէ,
մտած
է,
պիտի
մտնէ
նախիրին
հեղգ
ու
լայն
ճամբան։
Թող
փաթթուի
անիկա
չքմեղանքի
վատ
պատրանքներուն։
Չ՚ազատիր։
Հոն
պիտի
ընտելանայ
կարաւանին
ու
անոր
բոժոժաւոր
պետերուն։
Ու
ցաւառիթ
է
այս
վրիպանքը։
Օտար
հորիզոններու
անսովոր
անդոհին
տակ
անոր
ջիղերը
տարածուած
էին
անսովոր
խուզարկութիւններու
դէպի
բաւիղներ
ու
լոյս
բերած
որոշ
հոգեվիճակներու
պատկերացումներ,
յաճախ
խոր
ու
անակնկալ,
միշտ
նոր
[4]
։
Մեղք,
որ
հեղգացումը
արդէն
իսկ
վարակած
է
մեծ
մասը
պատուական
այդ
տղոց։
Ու
վրիպանքը
կը
յամառի
մտքիս
մէջ
նոյնանալ
Երկրի
աղէտին
հետ։
Անփութութիւն։
Յետոյ`քիչ
մը
շատ
ունկնդրուած
սխալ
առաջնորդներ։
Յետոյ`
postalatները
արեւելահայ
օգտապաշտութեան։
Զարմանալի
է
աւելի
ցաւիլ։
Ինչպէս
եւ
ինչո՞ւ
մեր
մտաւորականութեան
ղեկը
իյնար
հրապարակագիրներուն
ձեռքը
ու
կուսակցական
առաքեալները
-բոլոր
գոյներուն
ալ
կ՚ուղղուի
վերագրումը-
դատէին,
վճռէին,
դատապարտէին
կամ
օրհներգէին
մեր
գրողները,
երբ
գրելու
արուեստը
այդ
մարդերուն
հետ
գրեթէ
չունէր
առնելիք
ու
տալիք։
Բայց
այս
մասին
աւելի
յետոյ։
•
Գահիրէ,
Երկուշաբթի
24
Յունիս
Գրականութեան
մէջ
սերունդ
տարազը
տարողութիւն
մը
ունի
շատ
աւելի
ընդարձակ,
որքան
չենք
կասկածիր։
Ժամանակին
մէջ
հեռացուած
պատմութիւն՝
ենթարկելի
է
անիկա
դիւրին
պարզումներու։
Բայց
երբ
կ՚ապրի,
անիկա
ըմբոստ
երեւոյթ
մըն
է,
որ
չ՚իյնար
բանաձեւերու
ցանցումին
մէջ։
Այս
պատճառով
է,
որ
իրարու
անմիջական
յաջորդողները
հիմնովին
կ՚անգիտանան
զիրար։
Այս
տեսութեամբ
մեկնելի
է
նորերուն
միջակապաշտութիւնը,
որ
հակադրուած
ըլլալուն
հակառակ,
խորքով
կը
նոյնանայ
անմիջական
երէկին,
հռետորներու
ու
օգտապաշտներու
ա՛լ
հեռացած
սերունդին
ու
անոր
փառաբանած
հանգանակներուն։
Եւրոպական
սարսուռը
անշուշտ
փորած
ու
փոխած
է
այս
տղաքը։
Ու
անոնց
ջիղերուն
վրայ
խաղացած
է
պարը
նոր
զգայութիւններուն։
Անոնց
աչքերուն
առջեւ
դողացուցած
է
ծիածանները
նոր
պաստառներուն,
որոնք
հոգիներ
կը
շղարշեն
ու
անոնց
առարկայացումը
կը
զգեստաւորեն։
Զանոնք
ըրած
է
աւելի
հատկտուն,
աւելի
սուր
զգացող,
աւելի
աճապարող
դէպի
«գրաւումը»
նոր
հոգեմասերու։
Բայց
չէ
կրցած
անոնց
վրայ
բերել
անոնց
ամէնէն
աւելի
զլացուածը։
Ու
պակասը
կամքն
է,
համաճարակ
հիւանդութիւն,
որ
ջիղերու
գերաճումին
կը
հետեւի
եւ
ուղեղային
ջրդողեալներու
մօտ
յաճախադէպ
կը
դիտուի։
Կամքի
բեկումը։
Պակասը`
միջակէն
ամբառնելու,
ազատագրուելու
կատաղի
ցանկութիւնն
է։
Ու
ասոր
հետքը
տակաւ
աննշմար
կը
դառնայ։
Ինչպէս
չցաւիլ,
որ
թարմ
ու
հարազատ
զգայութիւնը,
որուն
նմոյշները
եկան
մեզի
շատ
մը
նոր
անուններէ
[5]
։
Տակաւին
ինքզինքը
կաղապարացած
չըլլայ
ու
վատնուի
կցկտուր
դրուագումներու
վրայ։
Որ
նոյնիսկ
շատ
տեսնէ
ամուր
ու
վճռական
ոճի
մը
ելլելու
ճիգը։
Ու
գրէ
անփոյթ,
գուցէ
բռնի`
ապերասան։
Ինչպէս
չցաւիլ
մանաւանդ,
որ
այդ
տղաքը`
ենթարկուած
արուեստի
ամենահզօր
ճնշումին,
չկարենան
թօթափել
իրենց
ուսերէն
արուեստին
օտար
ու
վնասող
ազդեցութիւններ
ու
հոգեր։
Ու
փնտռեն
օրաթերթին,
պրոշիւրին
դիւրին
ճարակը։
Բայց
այս
թուումը
վերջ
չունի։
Բաժինը
երէցներուն,
այս
վրիպանքին
մէջ։
Սխալ
ու
անարդար
պիտի
ըլլար
ձեռք
լուալ
ու
քաշուիլ,
մեղադրանքի
ընթացիկ
բանաձեւը
պատրաստ
պատմուճանի
մը
նման
նետելով
անոնց
ըմբոստ
ու
պղտոր
ինքնաբաւութեան
(ո՞ր
սերունդը
ցոյց
չէ
տուած
անկախութեան
նոյն
ոգին,
նոյն
թշնամական
կեցուածքը
զինք
կանխողին
դէմ)։
Սխալ
պիտի
ըլլար,
աժան
դեղահատերու
նման,
մեզի
մատուցանել
շրջանին
քաղաքական
նկարագիրը,
վերիվարումները
(բայց
ամէնէն
ահաւոր
բռնակալութիւն
մը
(1880-1908)
չէ
խորտակած
մեր
տաղանդներուն
հիմնական
գիծերը)։
Կամ`
կուսակցական
մշուշով
վարդագունել
ու
մռայլել
այս
գուպարին
հեւքն
ու
տրտում
գեղեցկութիւնը։
Երէցները,
այսինքն`
երէցներէն
անոնք,
որ
ըսելիք
մը
ունին,
ունէին,
նոյնիսկ
բնական
պայմաններու
տակ,
դատապարտուած
են,
էին,
մտիկ
չըլլուելու։
Երէցներէն
անոնք,
որ
վարժութիւնն
ունէին
խօսելու,
միշտ
խօսելու,
չէին
անդրադառնար
հոյակապ
իրենց
պատրանքին
ու
կը
նմանէին
կռնակը
իր
հօտին
տուած
ջերմեռանդ
քարոզողին,
որ
կը
շարունակէր
բազմատարած
իր
մաղթանքը,
առանց
իսկ
կասկածելու,
թէ
ետին
մէկը
չէ
մնացած։
Ու
պատահած
է
անխուսափելին։
Մենաւոր
քարոզողը,
նոյնիսկ
դեռ
անապատ
չինկած,
գլխու
տրտում
ճօճումով
թողած
է,
որ
անցնի
երիտասարդ
բանակը,
չտեսնէ
զինքը
կամ
նոյնիսկ
խնդայ
անոր
վերապահ
աչքերուն
դէմ
այն
հեգնութիւնը,
երբեմն
անգութ
արհամարհանքը,
որ
իրաւունքն
է
ամէն
կենսունակութեան։
Խօսքին
կաթողիկոսը,
իր
սիւնհոդոսովը
շրջապատուած,
պիտի
շարունակէ
իր
ապաժամ
առաքելութիւնը,
յաւիտենապէս
նոյնը
մնացած
ժամագիրքի
մը
վրայէն,
նոյն
սուրբերով
ու
դպիրներով
պարարած
իր
շրջանակը։
Ու
նորերը,
կռնակ
դարձուցած
ծերերուն
այս
կրկնակ
կոյտին,
պիտի
քալեն
ու
պոռան։
Ու
միամիտ
են
անոնք՝
աղմուկը
շփոթելու
աստիճան
ստեղծումին
հետ։
Տուժո՞ղը։
Միշտ
ու
միշտ`
նախավկայ
ու
բազմաչարչար
Հայաստանեայց
գրականութիւնը։
•
Շաբաթ
29
Յունիս
1929
Գրականութեան
մը
ներքին
թշնամի՞ն.
Միջակութիւնը։
Միջակութիւնը
չի
կասկածիր
սակայն
իր
յառաջ
բերած
աղէտէն։
Անիկա
աղանդաւոր
ու
միամիտ
է
եւ
իր
ուժին
աղբիւրը
կ՚առնէ
թիւէն,
զանգուածէն։
Ամէն
աղանդի
նման
յարձակող
է
ու
մանաւանդ
աններող։
Ունի
իր
տիրակալութեան
պաշտամունքը,
զոր
կը
պարտադրէ։
Կը
զարմանայ,
երբ
կը
հանդիպի
ընդդիմութեան։
Կը
զայրանայ
ու
կը
պոռայ
այն
քիչուոր
անկախներուն
ետեւէն,
որոնք
չեն
պակսած
ամէն
շրջանի։
Կը
գործածէ
իր
ռազմավարական
ամբողջ
կազմածը,
ճարտարանքը
զանոնք
փաղանգին
կապելու։
Ընդհանրապէս
կը
յաջողի։
Ձախողութեան
մը
պարագային
կ՚արհամարհէ։
Օ՜,
այդ
արհամարհանքը
փղշտացիին։
Նոր
օրերուն
համար
անիկա
սպաննող
է
իր
չկամութեան
մէջ,
երբ
կ՚օգտուի
գիրէն,
թուղթէն,
գործածելով
իրենց
տիրական
բանաձեւը
մամուլէն։
Անկախներուն
համար
այնքան
չարակամ`
անիկա
սրտառուչ
եղբայրակցութիւն
մըն
է,
կրօնական
ըսուելու
չափ
լիացնող
հաղորդութիւն
մը
ինք
իր
պարունակին
մէջ։
Ու
յուզիչ
բան
է
տեսնել
մտքերու
այս
փոխադարձ
հեշտացումը,
երկրի
մը
զանազան
անկիւններէն
իրարու
մատռուակող։
Ոչ
միայն
այդքան։
Ան
կը
փնտռէ
ու
կը
գտնէ,
աշխարհներէն
ալ
անդին,
իր
սիրականները։
Ու
տարօրինակ
է,
որ
այս
ընդարձակ
կազմակերպութեան
ցանցէն
միշտ
ալ
ազատին,
ամէն
տեղի
ու
ժողովուրդի
մէջ
դարձեալ
նոյն
քիչուորները։
Մեծ
ու
յառաջացած
քաղաքակրթութիւններ
գէշ-աղէկ
կը
յարմարին
աղէտին։
Կ՚անցնին
շրջանները,
իրենց
այնքան
շքեղ
բանակներով
ու
հանդէսներով։
Ժամանակը
կը
թաղէ
այդ
սխրալի
մրցահանդէսը։
Ու
անոնց
վրայ
իր
դրած
մոխիրը
անխախտ
պիտի
մնայ։
Վասնզի
անդին
իսկական
հերոսներուն
իրացուցած
գեղեցկութիւնները
փրկած
են
շրջանէն
ինչ
որ
անուն
ու
քանի
մը
գործ
կը
հանդուրժեն
ժամանակին։
Մեր
գրականութիւնը,
որ
կը
կրկնէ
մեր
ժողովուրդին
թերութիւնները,
քան
առաքինութիւնը,
իր
վերջին
յիսնամեակին
մէջ
քանի
մը
անգամ
անցաւ
աղէտէն։
Ու
եթէ
դիմացաւ,
պատճառը
այն
է,
որ
ոչ
մէկ
ատեն
անոր
չպակսեցան
ուխտուած
ու
նզովուած
անկախները։
Հիմա՞։
Ինծի
համար
խորունկ
վախ
է,
որ
այդ
գրականութիւնը
իր
վերջին
օրերը
կ՚ապրի
գուցէ։
Ես
զանց
կ՚ընեմ
այս
ու
այն
փաստերը,
որոնք
դիւրաւ
ալ
կը
ճարուին,
երեւոյթը
բացատրելու
համար
եւ
որոնք
իրարու
կը
նմանին
արդէն
իրենց
յուսահատեցուցիչ
վճռականութեանը
մէջ։
Ինծի
համար
փաստը
հոն
է,
որ
ուխտուածները
կը
պակսին
հետզհետէ։
Մեր
հասնող
սերունդը,
յաճախ
դժբախտ
պայմաններու
ճնշումէն,
զարտուղումի
քանի
մը
փորձերէն
վերջը,
ճիտը
ծուռ
կը
մտնէ
նախիրի
ճամբան,
ուր
փոշիին
հետ
քանի
մը
բերան
ծամելիք
մըն
ալ
յոյս
ունի
ճարելու։
Կամ
բաւական
մը
սուզուելէ
վերջ
անծանօթին
խուզարկութեան
մէջ,
կը
հեղգանայ
ու
գլխիկոր
վերադարձ
մը
կ՚ընէ
դէպի
հասարակաց
տափաստանները։
Ու
ահա
պանդոկները։
Յաճախ
գրավաճառի
խանութն
է
ան,
որուն
մէջ
գիրքերու
ցեց
մը,
իր
որովայնին
համար
կը
պատսպարէ
ու
կը
պաշտպանէ
անցուկ
ապրանքը։
Ու
իր
խօսքը
կշիռ
ունի,
վասնզի
հացին
շեշտը
միշտ
անկեղծ
կ՚ընէ
մարդը։
Տաղանդաւոր
մեր
ո՞ր
գրագէտը
կրցաւ
շնորհ
գտնել
այդ
միջատին
մակաբոյծ,
անողոք,
խուլ
շաղապատումէն։
(Մենք
տեսանք
անօթի
մեռնող
գրագէտներ։
Ոչ
մէկ
գրավաճառ
չէ
ձախողած
մեր
մէջ)։
Ուրիշ
անգամ
թերթի
մը
խմբագրատունն
է,
որ
կը
ղեկավարէ
այս
միջակացումը։
Նուազ
շահամոլ,
քան
գրավաճառը,
բայց
աւելի
վնասակար,
քանի
որ
ունայնամտութեան
աւելի
հոծ
մթնոլորտէ
մը
պաշտպանուած
է
թերթը,
հանդէսը
նոյնիսկ
լայն
կը
բանայ
իր
դուռները
բոլոր
անոնց,
որոնք
ըսելիք
մը
ունին
այս
ժողովուրդին։
Բայց
կը
հարկադրէ
զայն
ըսել
հասարակաց
գալարափողէն։
Ու
ահա
պատկերը
դժբախտ
գրագէտին,
որ
եթէ
ոչ
ամէն
օր,
գոնէ
շաբաթը
քանի
մը
հեղ
պատրաստ
է
խօսելու,
բայց
խօսելու
ինչ
որ
ամբոխը
կ՚ուզէ։
Դժուար
նահատակութի՜ւն։
Բայց
կը
գործադրենք
ատիկա
անպատկառ
խնծիղով
մը
գրագէտին
վրայ։
Ծափ
կը
զարնենք
անոր
ամէն
արիւնումին
դիմաց։
Ու
քանի
մը
տարիէն,
երբ
ա՛լ
սպառած
է
սրբազան
հեղուկը
ու
տաղանդը
չորցած,
տիկը
կը
նետենք
ոտքի
կոխան։
Նայեցէք
անցեալ
երկու
տասնամեակին
վրայ
ու
դուք
պիտի
տեսնէք
«Բանին»
այդ
մարտիրոսները։
•
Երեքշաբթի
2
Յուլիս
1929
Մեր
գրականութեան
համար
աղէտաւոր
ուրիշ
ազդեցութիւն
մը
հետզհետէ
կ՚ամրանայ,
չըսելու
համար
կը
կազմակերպուի,
գաղութներուն
մէջ։
Անխուսափելի
օտարացումը,
այլասերումը
չէ
ասիկա,
որուն
դատապարտուած
է
իր
գոյութեան
հիմնադաշտէն
վտարուած
ամէն
հաւաքականութիւն,
երբ
գտնուի
իրմէն
հզօր
քաղաքակրթութեան
մը
հետ
դէմ
դէմի։
Աղէտը
այն
է`
զոր
մենք
մեր
ուզելովը,
մեր
դրամովը,
զոհողութեամբը
կը
հրաւիրենք,
կը
փութացնենք
մեր
գլխուն։
Անոր
մեծագոյն
ու
անվրէպ
ազդակը`
օտար
դպրոցներով
մեզի
ներարկուած
կրթութիւնն
է։
Ու
անոր
ծաւալումին
համար
մեր
ինքնամատոյց
նոյնիսկ
աղանդաւոր
եռանդը,
կրակին
վրայ
թափուած
իւղին
կը
նմանի
քիչ
մը։
«Կամաւոր
մահուան»
վրայ
ատենն
է,
որ
խորհինք,
երբ
մեր
պաշտպանողական
միջոցները
կը
մնան
պատնէշին
ետին,
իրենց
բազմապիտակ
départementներով,
դիւաններով
ու
ժողովականներով,
որոնք
դուրսէն
ներարկուած
ու
հանգիստի
քաշուած
թրքական
զրահաւորները
կը
յիշեցնեն,
Ոսկեղջիւրի
մէկ
խորշին
մէջ,
իրենց
ոսկեզօծ
քունին
մտած
եւ
արթննալիք
չունեցող։
Հարկ
կա՞յ
շեշտելու
անգամ
մըն
ալ`
հոս`
թէ
այս
նոթերուն
տարողութիւնը
աւելի
ընդհանուր
է,
քան
անոնց
առիթ
տուող
դէպքերուն
պարագայական
ու
վաւերագրական
արժէքը։
Եթէ
երբեմն
դուք
հանդիպիք
ասոնց
մէջ
յատուկ
անուններու,
քիչ
մը
«յստակ»
ըլլալու
մեղքին
արդիւնքն
է
ասիկա։
Այսպէս,
վերի
իրողութիւնները
լուսաբանելու
համար
ու
մանաւանդ
ահազանգը
հնչեցնելու
համար
հո՛ն`
ուր
քունը
ամէնէն
աւելի
քաղցր
է
ու
հեշտաւէտ։
Օրինակը
կ՚առնեմ
Եգիպտոսէն։
Թերեւս
մեր
գաղութներու
զանգուածը
կ՚անգիտանայ
թէ
հոն,
Եգիպտոսի
մէջ,
չունինք
երիտասարդ
մը,
որ
դեռ
նոյնիսկ
կանոնաւոր
դիրքի
մը
չտիրացած,
չխօսի
ու
չգրէ
քանի
մը
լեզու
[6]
։
Ու
լեգէոն
են
անոնք,
որոնք
տեղի
թէ
անտեղի,
հանգիստ
թէ
գործի
պահուն
կը
խօսին
միայն
ու
միայն
օտար
լեզու
[7],
մէջը
ըլլալով
թուրքերէնն
ու
արաբերէնը,
ու
բարկութեամբ,
գրեթէ
ատելութեամբ
կը
պատասխանեն
իրենց
հօրը
կամ
մօրը,
երբ
ստիպուին
անոնց
լեզուն
գործածելու։
•
Ուրբաթ
5
Յուլիս
1929
Բայց
պէտք
է
մօտենալ,
այս
անգամ
առանց
հեգնութեան,
աւելի
ցաւով,
անոնց
մեծ
լրջութեան,
անպարագրելի
սնամտութեան,
երբ
այդ
ուծացումին,
արհամարհանքին
անոնք
իբր
փրկանակ
կ՚ուզեն
ցուցադրել
ու
ծառայեցնել
ամբողջ
խորանարդուած
արժէքը,
հպարտութիւնը
այդ
ներածուած
մշակոյթին
[8]
։
Հոս
է,
որ
մարդ
կը
տարուի
խղճալու
անանուն
այն
խաթարումին
վրայ,
որուն
զոհը
եղան
մեր
պատուական,
երիցս
երանեալ
ազգակիցները
[9],
որոնց
հայրը
դեռ
Մուշէն
կամ
Կեսարիայէն
բերած
ազգային
կոշտերը
գուրգուրանքով
կը
պահէ։
Անկարելի
է
անոնց
մտքին
մէջ
կասկած
յարուցանել
իրական
արժէքին
վրայ
այն
ապրանքներուն,
զորս
Արեւմուտքը
յատուկ
խնամքով,
ու
բարդ
միջոցներով
պատրաստած
է
զուտ
Արեւելքի
համար։
Անկարելի
է
անոր
աչքերը
բանալ
սա
խեղճ
ճշմարտութեան
վրայ,
թէ
ինչ
որ
Արեւմուտքի
յանձնակատարներու
ու
գործակալներու
կողմէ
հրապարակ
կը
դրուի
այնքան
շողշողուած
ու
բազմազանակ
տիտղոսներով,
ինչ
որ
մեր
հիացումին
ու
վայելքին
կը
մատուցուի
լիսէ,
գոլէճ,
մամուլ,
թատրոն,
նոյնիսկ
գիրք
ու
գեղարուեստ
պիտակներուն
տակ,
բոլորն
ալ
արտադրութիւնն
ու
անգլիական
ու
մանաւանդ՝
ամերիկեան
ու
ֆրանսական
գործարաններու
ու
կը
զատուին,
երբեմն
անճանաչելի
ըլլալու
չափ,
այդ
երկիրներուն
վաւերական
ստեղծումներէն
[10]
։
Արտածողները
վաճառականներ
են
«կենաց
ու
փրկութեան»։
Այդ
ապրանքները
չծախուած,
տարիներով
ու
երբեմն
նոյնիսկ
սերունդի
մը
հասակովը
տունը
մնացած՝
ա՛լ
անպէտք
դարձած
արժէքներ
են,
որոնք
խաչագողներու
խելքին
շնորհիւ
կ՚աղուին,
պահածոներու
կը
վերածուին։
Պիտակ
ու
զգեստ
կը
հագնին։
Ու
դահացած,
մեծ
դժուարութեամբ
հազիւ
ձեռքէ
հանուած
այս
բերքերն
են,
որ
հին
ու
բարի
Եգիպտոսը
կը
հիւրընկալէ,
նախախայրիք
ձեռք
ձգած
ըլլալու
անճառ
վայելքովը
[11]
։
Արդի՞ւնքը
այս
արշաւանքին։
Մակաղումը,
միջակացումը,
մեր
իմացական
ընտրանիին
մեր
ծոցին
մէջ
իսկ
մեզի
թշնամի
դառնալու
դիւային
իրողութիւնը,
որուն
հեշտագին
վայելքը
կ՚ընեն
օտարները,
այդ
«աստուածարեալ
ու
առաքինի»
ղրկուածները,
անաշխատ,
ապահով
ու
երջանիկ,
թողլով,
որ
իրենց
արհեստանոցներուն
մէջ
մարզուած,
յղկուած
ու
պողպատուած
այդ
տղաքը
կատարեն
իրենց
քանդումի
գործը,
առանց
աղմուկի,
առանց
դադարի,
առանց
խանգարուելու։
Ու
հօտը,
արջառը
այն
տղոց,
որոնք
թերխաշ
միսիոնարներ
կամ
տհաս
ճիզուիթներ,
անողոք
ու
անպատասխանատու,
բոլոր
նորաղանդներուն
կատաղութեամբը
դէմ
կը
դառնան
իրենց
ցեղին
արգանդին
ու
յառաջապահի
եռանդով
արձակումը
կը
կառավարեն
բոլոր
այն
պղտոր
ուժերուն
հետ,
որոնք
պատրաստ
կը
սպասեն
խարխուլ
հաւաքականութեանց
շրջասփիւռին,
դիակի
հոտ
առնող
կենդանիներուն
նման,
վայրագ
կամ
սողուն,
օդէն
թէ
ցեխին
տակէն,
նոյնն
է
պարագան։
•
Հինգշաբթի
11
Յուլիս
1929
Առաջին
առիթով
դժուար
է
համոզուիլ
վայրագ
այս
բնազդներուն
կարելիութեան,
երբ
կը
տեսնես
հազիւ
աղուամազոտ
պատանին,
որ
Աւետարանը
գուրգուրալով
իր
ափին
մէջ,
կը
քաշուի
առջեւէդ,
հեզ
ու
բարեհամբոյր։
Բայց
ատիկա
պատրանքն
է։
Պէտք
է
շփուիլ
ու
բաւական
երկար,
ըմբռնելու
համար
իմացական
ուծացումին
այս
դժնդակ
պատկերը։
Աշխարհի
ոչ
մէկ
բարեկամեցողութիւնը
պիտի
յաջողէր
զինաթափ
ընել
այլամերժ
այս
նողկանքը
[12],
որուն
մէջ
թաթխած,
մխած
(tremper)
են
անոր
հոգին`
սիրոյ
եւ
հաշտութեան
այդ
նուիրականները։
Ոչ
մէկ
գինով
պիտի
կրնաս
այդ
տղաքը
մօտեցնել
քու
մշակոյթիդ,
որ
իր
բոլոր
խղճութեանը
հակառակ՝
երբեմն
առաւելութեամբ
կը
ճակատի
անոնց
աստուածաբոյր,
բայց
հասարակ,
հետեւակ
ճաշակին
դէմ։
Աւելի՛ն.
իրենց
ցեղին
դէմ
գոցուած
այդ
տղոց
հոգին
գոցուած
է
նաեւ,
ու
ասիկա
ընդմիշտ,
բուն,
վաւերական
կապանքէ
ու
պայմանէ
զերծ
Մշակոյթին
դէմ
(թող
ներուի
այս
գլխագիրը)։
Պիտի
չյաջողին
անոնց
մէջ
արթնցնել
մալուած
հետաքրքրութիւնը,
ա՛ն`
որ
իր
առողջ
վիճակին
մէջ
մարդ
արարածին
սրբազնագոյն
առաքինութիւնն
է,
սկիզբն
ու
դրդապատճառը
անոր
պատմութեան
ու
աւելի
յաւակնոտ,
բայց
արդար
բառով
մը
քաղաքակրթութեան։
Մեղքցուելիք
ըլլալէ
անդին
կ՚անցնի
պատկերը
այն
պատանիին,
որ
ամերիկեան
ակադեմիէ
մը
պսակաւոր
(սրբազան
ու
անփոխարինելի
այս
պսակաւորութիւնը,
որ
իր
ծիծաղելիին
մէջ
կը
գերազանցէ
թերեւս
ասպետական
դարերուն
ձեռնադրութիւններն
ու
օծումի
արարողութիւնները),
վսեմ
ու
միապաղաղ
ինքնաբաւութեան
մը
մէջ
կ՚ուրանայ,
կ՚ուրանայ
աշխարհէն
այն
ամէնը,
զոր
չէ
տեսած
պատուելիներուն
ցանկած
փարախին
մէջ։
Այդ
պարունակէն
դուրս
ամէն
երեւոյթ,
ներքին
թէ
արտաքին,
անարժան
է
անոր
նոյնիսկ
գութին։
Այսպէսով
է,
որ
անոնցմէ
մէկը,
խոհեմ
ու
ազնիւ
պատանի,
կը
զարմանար
մեր
խանդավառութեանը
վրայ
մեր
եկեղեցիին
հանդէպ
ու
չէր
հասկնար,
թէ
ինչպէս
չէին
սորվեցուցեր
իրեն
ատանկ
պաշտամունքի
մը
գոյութիւնը,
կարելիութիւնը։
Ու
նկարագրով
խաթարուածներուն
մօտ
ներածուած
այդ
կրթութիւնը
ի՜նչ
յոխորտանքի,
ի՜նչ
անզիջող
հպարտութեան
կը
վերածուի,
երբ
կը
նստին
անոնք
այդպէս
դիզուած
գանձերու
շտեմարանին
դէմ,
ծալապատիկ,
մտամոլոր
ու
թրթռուն,
իրենց
հարստութեան
արբշռանքը
արտածորելով։
Ուսուցիչներ
ճանչցայ,
որոնք,
այդ
ակադեմիաներէն
կաղապարուած,
կեանքի
մէջ
ու
վճռական
հայեացք
ունէին
եւ
զոր
կը
փորձէին
անվրէպ
ամէն
անգամ,
որ
դատելու,
վճռելու
հարկ
կը
ներկայանար
իրենց։
Ու
արգահատելին
ա՛ն
էր,
որ
այդ
ստրկութիւնը
անոնք
պիտի
չփոխէին
ոչ
մէկ
ազատութեան
հետ։
Ու
ողբերգական
բանէր
տեսնել
անոնց
աչքերուն
կովի
խաղաղութիւնը,
անզգածութիւնը,
նոյնիսկ
անդարմանելի
այլուրութիւնը,
երբ
շփումի
մտնէին
անոնք
կեանքին
իրական,
մերկ
բազմազանութեանը,
մանաւանդ
հայ
որակուած
կեանքի
մը
խորհուրդին
հետ։
Միլտոնէն
հազարաւոր
տող
արտասանող
ու
Յիսուս
Քրիստոսի
առակները
յաջողակօրէն
տաղաչափող
(ի
հարկէ
անգլերէն)
այդ
ուսուցիչը,
դպրոցը
ձգելէն
չորս
տարի
վերջը
դեռ
կասկածն
իսկ
չունէր
հայ
գրականութեան
մը
գոյութեան։
(Ասիկա
արդիւնքը
չէ
ամէն
պարագայի
տակ
մեր
գրականութեան
աղքատութեան)։
Ու
չէր
կարմրեր
պատուական
այդ
երիտասարդը։
Ու
այդ
նմոյշէն
դուք
կրնաք
իջնել
անզգած
ու
կոյր
այն
տղոց
կարաւանին,
որոնք
արուեստին
ջերմութեան
հիմնովին
անհաղորդ
դարձան։
Որոնց
ոչ
մէկ
արեւ
պիտի
կրնայ
կաթիլ
մը
կրակ,
թերթ
մը
երազ
մարսելի
ընել։
Ու
կան,
որ
կը
զայրանան։
Ի՜նչ
արգահատող
է
իրենց
շրթնաշարժը,
երբ
կը
համարձակիս
տարակոյսի
տակ
ձգել
արժէքը
իրենց
տրուածին։
Հանդիպեցայ
սոփեստի
մը,
որ
ազգային
պատմութիւնը
վերցուցեր
էր
իր
դպրոցէն
ու
շաբաթական
չորս
ժամ
կը
վատնէր
հրեաներու
պատմութեան։
Փրփրած
էր
անիկա
ու
կը
խարանէր
մեր
թագաւորները`
հեթանոս
ըլլալնուն,
մեր
եկեղեցին՝
հերետիկոս
ըլլալուն։
Բայց
Դաւի՞թը,
Սողոմո՞նը…։
Ուրիշներ
լուսնէն
ինկողի,
գրեթէ
ապշահարի,
խելագարի
դէմք
կ՚առնեն,
երբ,
վրդովուած
ու
ցաւոտ,
կը
պարզեն
իրենց
իրական
տարողութիւնը`
կրթութեան
պիտակին
տակ
օր-ցերեկով
կատարուած
այս
հսկայ
խարդաւանանքին,
որ
անոնց
մօտ
ուսում,
նկարագիր,
ամերիկեան
ոգի
վերտառութիւնները
կ՚առնէ։
Ու
ահաբեկ
կը
քաշուին
քովէդ,
ապահովաբար
աղօթելով
Սուրբ
Հոգիին,
որ
այցելէ
իր
մոլորած
զաւակներուն։
Անոնք
հետզհետէ
կը
հեռանան
մեր
ընկերութենէն,
այսինքն`
իրենց
հայրերուն
ու
ազգականներուն
խօսող
հաւաքական
ամէն
պատեհութիւններէն։
Բայց
ի՜նչ
սրտառուչ,
օծուն
երկիւղածութեամբ
մը
ալիք-ալիք
կը
դիմեն
յատկապէս
իրենց
հոգեկան
բարձրացումին,
ազնուացումին,
քրիստոնէացումին
համար
յարդարուած
համախմբում,
ուր
իրենց
կը
խօսին
ցուրտ
ու
պատկառելի
իրենց
մեծերը,
բարի
ու
առաքինի
երիտասարդին
պարտքերուն
վրայ
[13]
։
Բայց
փորձէ
զանոնք
բերել
հաւաքոյթի
մը,
ուր
հայ
իրականութեան
հետ
հաղորդուելու
առիթներ
պիտի
տրուէին
իրենց,
մինակ
կը
մնաս։
•
Չորեքշաբթի,
17
Յուլիս
1929
Յետո՞յ։
Վտանգի
տակ
է
իմացականութիւնը։
Կը
յիշեմ
շատ
օժտուած,
խանդոտ
պատանիի
մը
ողբերգութիւնը։
Անոր
միտքը
անհուն
հետաքրքրութիւններով
լարուած,
մտաւ
անոնց`
ամերիկացիներուն
դուռներէն։
Չորս
տարուան
ուսումէ
մը
յետոյ
դուրս
ելաւ
անկէ,
պարպուած
իր
կորովէն,
բորբոսած`
իր
ուղեղին
մինչեւ
յետին
բջիջներուն
մէջ։
Անոր
գեղեցիկ
գանկը,
պահելով
դուրսին
համար
իր
քաղցր
պարոյրը,
ներսէն
խոռոչաւոր
սպունգաքար
մը
դարձեր
էր,
ուր
չորցած
էին
իմաստին
ու
արուեստին
բոլոր
ընձիւղները։
Տղան
չէր
զգացած
նահատակութեան
processusը։
Գրեթէ
արցունք
կը
պակսէր
ինծի`
մալուած
այս
միտքին
պատկերացուցած
աղէտին
դէմ։
Խնայեցի
իրեն
յուզումս,
զոր
արդէն
դժուար
թէ
հասկնար։
Ինչ
գեղեցիկ
պատուելիացու…
ըսի
ես
ինծի։
Ղրկուեցաւ,
մեծ
յոյսերով,
գոհունակութեամբ
ու
ռեքլամով
Ամերիկա,
կատարելագործելու
համար
անբանացման
այն
ասպարէզին
մէջ,
որուն
ելքը
ծանօթ
է
ամէնուս։
Անիկա
գողցուած
մըն
է,
կորսուած
մը
մեր
ժողովուրդին
համար։
Թերեւս
օր
մը
ամերիկահայ
թերթեր
կրկին
մեծ
գովեստով
խօսին
իր
ընթացաւարտութեան
լուրը
տալով,
իր
արժանիքներուն
վրայ
եւ
շնորհաւորեն
մեր
ցեղը,
որ
ատանկ
դասախօսներ
կը
հանէ
իր
ծոցէն,
այսինչ
կամ
այնինչ
համալսարանին
մէջ
դաս
վերցնելու
ընդունակ։
Ու
այսքան։
Մինչեւ
փրոֆեսէօրութիւն։
Յետո՞յ,
ամերիկեան
ամուսնութիւն
ու
տղաք,
որոնք
պիտի
զգուշանան
իրենց
մականունէն,
եթէ
իրենց
հայրը
բաւական
խելք
չէ
ունեցած
զայն
իրականացնելու։
Ու
խորհիլ,
թէ
անիկա
ինչ
արժած
էր
իր
մօրը,
որ
իր
կեանքին
գնովը
փրկեր
էր
զայն
թուրքերէն,
լուացքի
տաշտին
տակ
քամեր
էր
իր
երիտասարդութիւնը
ու
զրկած
ինքզինքը
կեանքին
ամէնէն
նախնական
բարիքներէն
այս
սիլընտրաւոր
ու
օտարացած
անասունը
պատրաստելու
համար
[14]
։
Բայց
որակում
չունի
միւսը,
ա՛ն`
որ
ամերիկեան
այդ
ձուլարաններէն
թափուելէ
յետոյ,
շրջաբերութեան
կ՚ընծայուի
իր
ժողովուրդին
շուկային։
Այսպէս
կը
մտածեմ,
վասնզի
մօտէն
ճանչցայ
անոնց
Արեւելքի
կազմակերպութիւններէն
մէկուն
մէջ
պաշտօնավարող
դասախօս
մը,
պսակուած
երջանիկ
մակդիրով
(professeur)։
Այս
մարդուկը
իր
շուքին
համար
պզտիկ
կը
գտնէր
Միջերկրականը
ու
չէր
անդրադառնար
իր
լեզուին,
որ
կիլիկեան
բարբառին
(թուրքերէն)
թանձրագնաց
շեշտէն
չէր
ազատագրուած։
Գիտութեան
ամբողջ
բարիքն
ու
պատկառանքը
(բժիշկ
մըն
էր
ան)
իր
մէջ
վերածուած
էին
քիթի
մը։
Անիկա
ռունգերովը
կը
դատէր
իր
ազգային
շրջանակը,
հոն
ոչինչ
գտնելով
արժանի
մտքով
դիտուելու։
Ան
իր
կօշիկներուն
ներկն
անգամ
Ամերիկայէն
բերել
կու
տար
ու
այս
սնոպութիւնը
կը
պատմէր
անպարագիծ
լրջութեամբ
մը։
Բայց
անիկա
այդ
քիթը
կը
զգուշացնէր
երկարելէ
դէպի
թշուառութեան
մեծ
կայանը,
որուն
անունը՝
Պէյրութի
Վրանաքաղաք
կը
կոչուի։
Ու
լրբութիւնը
այս
մշակոյթին
ան
չէր
հասկնար։
Մարդիկը
կրնային
մեռնիլ,
պիտի
մեռնէին,
որովհետեւ
ամերիկացի
չէին
ծնած։
Անշուշտ
այս
տիպարները
բացառիկ
են
իրենց
այլասերման
այս
կրատաներովը։
Բայց
տանելինե՞րը։
Այսինքն`
անոնք,
որոնք
մարդու
մէջ
կը
յօժարին
հայերէն
խօսիլ
ու
զայն
կ՚ուրանան
աստուածաբաններու
կամ
գիտուններու
կաճառին
մէջ։
Այս
արդիւնքին
համար
ես
չեմ
մերժեր
գետինին
դերը։
Մեր
ժողովուրդը
միայն
ընդունակ
է
այսպէս
հրէշներ
ծնելու։
Բայց
սե՞րմը։
Այլապէս
տխուր
եւ
նողկալի
է
միանգամայն
պատկերը
միւսներուն,
որոնք
congrégation
ի
մը
որեւէ
քոլէճին
վկայականը
թխմած
իրենց
գրպանը,
մէկ
օրէն
միւսը
կը
կտրուին
իրենց
ցեղէն։
Կը
կտրուին
ոչ
ամերիկացիներու
աշակերտներուն
նման
մեր
մշակոյթին
դէմ
սոփեստ
արհամարհանքով
մը,
այլ
անբացատրելի
այլուրութեամբ
մը,
որ
հետզհետէ
կ՚ելլէ
միգամածէն
եւ
տարիներու
ընթացքին
կը
վերածուի
ատելութեան
կարծր
կորոզի
մը։
Դեռ
դպրոցին
մէջ
անոնք
վերականգնած
են
իրենց
անունները։,
տառադարձութեամբ
կամ
հիմնական
ուրացումով
մը։
Ու
անոնք
պիտի
ատեն
մեր
ժողովուրդը,
պիտի
խառնակեն
Արեւելքի
բոլոր
ցեղերուն
հետ։
Անոնց
զաւակնե՞րը։
Բայց
միամտութիւն
է
հարցումը։
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
մեր
գրականութեան
հասցուած
այս
հարուածը
շատ
աւելի
խոր
է
մեզի
համար,
իր
հետեւանքներուն
մէջ։
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
գաղութներու
մէջ
գրականութիւնը
բացի
իր
բնական
թշնամիներէն,
գործ
ունի
կազմակերպուած
ուրիշ
փաղանգներու
հետ։
Ու
հոս
մեր
վրդովումը
կ՚անցնի
ընթացիկ
չափերէն։
Մեր
ցեղին
երիտասարդ
տարրէն,
երկրորդական
ուսման
կազմածներով,
մենէ
կ՚անջատուի,
կը
գողցուի։
Նոր
օրերու
այս
զօրահաւաքը
չեմ
գիտեր
ինչու
կը
մղուիմ
նմանցնելու
թուրքերու
առաջին
դարերու
մէջ
հաստատած
դրութեան,
որ
քրիստոնեայ
տղաքները
կը
ժողվէր,
կը
կրթէր
ու
կ՚արձակէր
իրենց
բնիկ
ցեղերուն
դէմ։
Մեր
ուժասպառման
այս
բացառիկ
օրերուն,
երբ
մեր
ցեղին
բնազդը
ինքզինքը
լռելու
կը
դատապարտէ
այնքան
կորուստներէ
ետքը
ու
հազիւ
հոս
ու
հոն
վախկոտ
ցուցմունքներ
կը
թելադրէ,
հարկ
է
նկատի
առնել,
թէ
ինչ
արժած
է
մեզի
ամէն
պսակաւոր։
Ուրիշ
ազգերու
մէջ
կրթութիւնը,
ոգին
պետական
ձեռնարկ
է
ու
պետութիւն
մը
միջոցներ
ունի,
կը
ստեղծէ
հասնելու
համար
այդ
ձեռնարկին
պարտադրած
վատնումներուն։
Բարի
եղէք,
սակայն,
վայրկեան
մը
աչքի
առջեւ
բերելու
շրջիկ
վաճառորդը
կամ
իր
կրպակին
մէջ
առատօրէն
մինչեւ
իրիկուն
հերիւն
շարժողը,
որ
ինքզինքը
հնդիկ
փարիայի
մը
ապրուստին
կ՚ենթարկէ,
որպէսզի
հասնի
ամերիկացիներու
պահանջած
դպրոցական
սակին
ու
պսակադրման
օրը
աղջկանը
ճերմակ
շրջազգեստ
մը
կարենայ
ճարել։
Ու
այսպէս,
իր
լաւագոյն
ու
կենսունակ
խմորէն
զրկուած
մեր
ժողովուրդը
իր
մշակոյթին
պահպանմանը
համար
պիտի
հարկադրուի
վերադառնալ
իր
մնացած
ուժերուն։
Այսինքն՝
այն
տղոց,
որոնք
Աղքատախնամէն
կը
պաշտպանուին
կամ
իրիկունները
լուցկի
կը
ծախեն
ու
ցերեկները
գրասեղաններու
վրայ
քննճեն։
Ու
մենք
ստիպուած
ենք
ընդունելու
այս
հարկադրանքն
ալ։
Կը
մնայ
տեսնել,
թէ
ազգային
կրթութեան
դատապարտուած
այդ
սերունդին
համար
ի՞նչ
է
մեր
ըրածը։
Ինչպէ՞ս
կ՚ըմբռնենք
անկէ
մեր
գրականութեան
գալիք
նպաստը։
Կը
խորհի՞նք
իսկ
ատոր։
*
Չորեքշաբթի
24
Յուլիս
1929
Ազգային
դպրոցնե՜րը։
Ես
չեմ
զբաղիր
տարազին
դէմ
հանուած
մեղադրանքին
անիրաւութեամբը։
Օտարամոլութեան
մէկ
երեսն
է
անիկա։
Բայց
պէտք
է
կանգ
առնել
այն
գրեթէ
ստոյգ
արհամարհանքին
առջեւ,
որ
մեր
ունեւոր
դասակարգը
ամէն
տեղ
առաջնորդած
է
դէպի
օտար
դպրոցները,
մերինները
դատապարտելով
Աղքատախնամէն
վկայուած
տղոց
ցերեկեայ
ապաստան
մը
դառնալու
ճակատագրին։
Եգիպտոս
ուրիշ
շատ
քիչ
բան
եղած
է
ան,
տրուած
ըլլալով
զով
ու
շուք
տեղ
մը
ճարելու
պէտքը,
ամրան
տաքերուն,
աշակերտութիւնը
վերցնելու
համար
արաբ
փողոցներուն
զազրութիւններէն։
Ստիպուած
եմ
շուտ
անցնիլ
այս
քիչ
մը
երկրորդական
պատճառներուն
քննութեան
վրայէն
ու
ծանրանալ
ուրիշներուն
վրայ,
որոնք
դուրսէն
դիտողի
մը
համար
դիւրաթափանց
չեն
միշտ։
Ատոնցմէ
առաջինը,
ու
ամենահիմնականը
այն
ոգին
է,
մտայնութիւնը,
մտավարժութիւնը,
որուն
հպատակելով
կը
կառուցուին
ու
կը
տնտեսուին
մեր
ազգային
կրթական
հաստատութիւնները
[15]
եւ
զոր
ատենը
եկած
կը
նկատեմ
հրապարակելու,
որքան
ալ
դառն
ըլլայ
անոր
տարողութիւնը,
ու
վիրաւորիչ՝
կարգ
մը
խղճմտանքներուն։
-
Մենք
մեր
դպրոցները
կը
բանանք
ոչ
թէ
տղոց,
այլ
մանաւանդ
հոն
տեղաւորուելիք
պաշտօնեաներուն
համար։
Առաջին
ակնարկով,
քիչ
մը
անսովոր
այս
հաստատումը
դժբախտ
իրականութիւն
մըն
է
բոլոր
անոնց
համար,
որ
դէպքերուն
փաթաթէն
անդին
կ՚անցնին։
Հարցուցէք
եկող-գացող
բոլոր
պատասխանատու
մարմիններուն,
բայց
դիմելով
իրենց
թաքուն
ու
անկեղծ
խղճմտանքին,
ի՞նչ
եղած
է
իրենց
ժողովներուն
միակ,
անսպառ
ու
մշտապէս
նոյն
նիւթը։
Ի՞նչ
կը
յիշեն
այն
հարցերէն,
որոնք
տագնապ,
յուզում,
երբեմն
կիրք
ու
բախում
ստեղծելու
չափ
զօրաւոր
եղած
են
պատկառելի
ու
իմաստուն
այդ
ժողովականներուն
մէջ,
նոյն
ու
մէկ
պիտի
ըլլայ
պատասխանը՝
-պաշտօնեաներու
հրաժարում
կամ
տեղաւորում։
Օ՜,
իրարանցումը,
վրդովումը
բոլոր
անոնց,
որ
այդ
ժողովներուն
մասնակցեցան
կրթական
վերականգնումին
հսկայ
ու
եռանդուն
ծրագիրներով։
Որոնք
գրեցին
ու
աւրեցին,
մշակեցին
ու
վաւերացուցին
կրթական
դրութիւններ
ու
ապահովեցին
իրենց
խիղճը,
«ազգային
մանկտւոյն»
կարելի
բարիքը
մտածած,
գտած
ու
գործադրած
ըլլալնուն։
Բայց
տաք
ջուրը
կ՚անցնի։
Ու
այդ
եռանդոտ
առաքեալները
թող
մինակնին
հարցնեն
իրենց
ներքին
դատաւորին,
—
Իրա՞ւ
է
ինչ
որ
կը
պոռանք
դուրսէն։
Պարկեշտը
պիտի
տրտմի
դատաւորին
ժխտումէն
ու
պիտի
լռէ։
Անպարկեշտը
պիտի
շարունակէ
վատաբար
խաբել
ինքզինքը
եւ
աշխատանք
ծախել
ազգին
հաշուոյն։
Կար
ատեն
մը,
որ
կրթութեան
սիրոյն,
կարգ
մը
փառասիրութեանց
կարելի
քիչ
տուրքով
շահագործումը
շատ
չէր
վրդովեր
մեր
խղճմտանքը։
Կը
հանդուրժէինք,
որ
դրամին
համար
կրթութեան
իմաստը,
աւելի
անոր
մարդերուն
ճակատագիրը
կապուէր
ամիրաներու,
աղաներու
քմայքին։
Բայց
Ազգային
Սահմանադրութեան
«նոր
բարեւ
մ՚ալ»
տալէ
ետքն
ալ,
մեր
դպրոցները
եղան
նոյնքան
անկայուն
ու
մեր
ուսուցիչները
աւելի
քան
խեղճ։
Թաղական,
հոգաբարձու,
խնամակալ,
վերակազմուած
տիտղոսներուն
տակ
իրերու
վիճակը
շարունակեց
նոյնը
մնալ։
Աւելորդ
է
այս
մարմիններով
ստեղծուած
փոքրութիւններուն
վրայ
ծաւալիլ
[16]
։
Անոնք
սպաննեցին
Հայ
ուսուցիչ
ըսուած
գիտակցութիւնը
[17]
։
Ու
իրերը
քալեցին
իրենց
ճակատագրական
ճամբան։
Մենք
հիմա
պէտք
չունինք
ուսուցիչի,
այսինքն՝
այն
մարդուն,
որ
բան
մը
ունի
ըսելիք
ու
տալիք
իրեն
յանձնուած
սերունդին։
Մեր
ուզածը
ուեւէ
մարդ
է,
շատ
անգամ
աշխարհի
խոնարհագոյն
արարածներէն
մէկը,
որ
դասարանը
գրաւէ
պայմանադրական
միջոցին,
պարի
տղոցը
մէջ
անոնց
խաղերուն,
անխնայ,
խղդելու
աստիճան
ձանձրացնէ
տղաքը
դասամիջոցներուն
եւ
բարեկիրթ
ու
աղուոր
հազով
մը
աւարտէ
իր
դասաժամը,
գիտնալով
ըրած
շնորհին
ամբողջ
կշիռը։
Չեմ
կարծեր,
որ
այս
առաքինութիւնները
բաւ
չըլլան
փողոցէն
վերցուած
ոեւէ
անցորդի
[18],
որպէսզի
անիկա
առաւելութեամբ
չյաջողի
փոխարինել
վաւերական
տիպարը
սորվեցնողին,
որ
հետզհետէ
անգտանելի
կը
դառնայ։
Ուրեմն։
Մեծ
հաճոյքով
ու
հպարտութեամբ
կը
յանձնենք
մեր
դպրոցները
պարկեշտ
մարդոց,
որոնք
առնուազն
կարենան
մազ
մը
սանտրել,
շնորհքով
ու
կոկիկ։
Կարենան
«բարձրէն»,
«կողմնակի»,
«խորհրդաւոր»
հայեացքներ
բաշխել։
Որոնք
բարեւ
տան,
առնեն,
յանձնարարեն
ընկալեալ
քաղցրութեամբ
ու
ճկուն
շարժումներով։Հագուին
միջակ
ճաշակը,
դնեն
լաթէ
փողկապը։
Խօսին
մէկ-երկու
լեզու,
այցելուներ
ընդունին
ու
հանդէսներու
մէջ
ժամ
գլուխ
արդուկեն,
երկու
գաղափար
չհաղորդելու
պայմանով
հաւաքուած
հասարակութեան։
Որոնց
արգիլուած
ըլլայ
միջակէն
վեր
ամէն
հետաքրքրութիւն։
Որոնք
կարդան
դպրոցին
կուսակցութեան
օրգանը։
Որոնց
մանաւանդ
մարզուած
ու
ճկուն
ըլլան
մէջքն
ու
լեզուն։
Աւելի՛ն.
վնասակար
պիտի
չըլլա՞ր։
Տխուրը
այս
կատակերգութեան
մէջ
ա՛ն
է,
որ
ընտրող
եւ
ընտրուող
հաւասարապէս
կ՚անգիտանան
աղէտը։
Հոգաբարձուն
իր
ազգային
պարտականութիւնը
կատարած
է
փնտռուած
թիփը
զետեղելով
իր
աթոռին։
Ուսուցիչը
իր
քրտինքը
չի
սակարկեր
աւելի
բարձր
շուկայի
մը
համար։
Տղա՞քը։
Բայց
թող
անոնք
գան
ու
երթան։
Յօրանջեն
ու
մեծնան։
Անոնք
վստահին,
թէ
շուկայ
իջնելէ
առաջ
պարտաւորիչ
այս
ապաշխարանքը
որքան
վայելչութեամբ
տանին,
այնքան
գնահատականներու
պիտի
արժանանան։
Չունինք
դպրոց
մը,
որ
տարակոյսն
զգայ,
հակառակ
իր
բոլոր
ծուլութեան,
ընթացաւարտի
վկայականին
ու
անոր
պաշտօնական
կեղծիքին
[19]
։
Ու
ասոնցմէ
է,
որ
պիտի
սպասենք
մեր
ընտրանին։
1929
[1]
Կրնանք
չտառապիլ
բախտովը
միւսներուն,
որոնք
այդ
ժամանակներու
տիրական,
բայց
ուրացուած
փառքերը
եղան
ու
պատժուեցան։
Պէտք
չկայ
ողբի
ու
կոծի։
Արդարութիւնը
իր
կազմածները
ունի։
Գրականութեանց
պատմութիւն
ըսուած
բան
մը
կայ,
որ
դարէ
դար
կը
միջամտէ
ու
զտումը
կը
կատարէայդ
խօլարձակ,
բայց
հասարակ
բուսականութեան,
կը
փոշիացնէ
թարմատար
գոյութիւնը
«բանին
եւ
ոգիին»
այդ
հացկատակներուն։
Բայց
այդ
արդարութեան
մեղքը
իր
կամաց
գործելն
է։
Եւ
այս
դանդաղութիւնն
է,
որ
բացակայութեան
հետ
կը
նոյնանայ
փղշտացիներու
ուղեղին
մէջ։
Ասոնք
դիւրութեամբ
կը
հրաժարին
ապառիկ
այդ
մեղադրումէն
ու
հեգնութեամբ
կը
դիմաւորեն
յետ
մահու
այս
սրբագրութեանց
անայժմէ
ու
աւելորդ
իմաստը։
[2]
Չեմ
գիտեր
ինչո՞ւ,
այս
տողերուն
դառնութեան
հետ
իմ
մէջ
կը
յառնէ
տրտում
ժպիտ
մը,
երբ
կը
յիշեմ
անգլիական
միջակապաշտութեան
հոյակապ
մէկ
զօրահանդէսը,
ա՛ն՝
որ
երեւան
եկաւ
Օսքար
Ուայլտի
գործին
շուրջը։
Ահաւոր
այս
ցոյցին
մէջ՝
հեղինակին
արժէքն
ու
մեղքը
չէ,
որ
կը
հարուածէին։
Ահաւորը
միջակութեան
բոլոր
մարտկոցներուն
համազարկն
էր
հոս։
Անցան
լորտերն
ու
դատաւորները,
սրբասուն
ու
ամօթխած
բարոյախօսներուն
արցունքն
ու
անունները։
Անցան
մանաւանդ
փարիսեցին
ու
փղշտացին։
Տօրիան
Կրէյի
դժբախտ,
նոյնիսկ
ոչ
մեծատաղանդ
կենդանագրողը
արդէն
կը
վերադառնայ
իր
փառքին։
[3]
Այս
դառն
ու
ժխտական
տրամադրութիւնը
նոր
չէ
իմ
մէջ։
Զայն
զգացեր
եմ
անոնց
կարմիր
պոետին
(Եղիշէ
Չարենց)
գործին
հետ
ծանօթութեանս
ընթացքին։
Զայն
ունեցեր
եմ
կրկին,
երբ
«
Նորք
»
հանդէսը
կը
թղթատէի։
Ու
ահա
տարիներ
ետքը
«
Նոր
ուղի
»,
ուրիշ
հանդէս
մը,
կը
հրամցուի
մեզի
իբր
Հայաստանի
ստեղծագործ
աշխատանքին
պտուղը։
Գրականութիւնը
շահագրգռող
մասը,
այդ
մեծածաւալ
հանդէսին
մէջ,
պատմուածք
ու
քերթուածները
կը
ներկայանան։
Պէտք
է
կարդալ
այդ
կտորները՝
համոզուելու
համար,
թէ
մինչեւ
ուր
կրնայ
իջնել
անհասկացողութիւնը
(որ
անոնց
գրականութեան
մեծագոյն
աղէտը
եղաւ
սկիզբէն
իսկ),
թէ
ինչպէս
արուեստէն
բոլորովին
օտար
մարդեր,
անհուն
լրջութեամբ
մը,
որուն
վրայ
ծիծաղիլն
անգամ
անխիղճ
կու
գայ
մարդուն,
կ՚ընեն
ստեղծելուն
ծաղրանկարը։
Բացի
տաղանդի,
ընդունակութեան
հարցէն,
որ
կենսական
է
սակայն,
անոնց
քով
կը
պակսի
նոյնիսկ
տարրրական
խղճահարութիւնը,
գիտակցութիւնը…
ու
-
ո՜վ
հեգնութիւն-
աշխատանքը։
Բոլոր
այդ
կտորները,
պարկեշտ
ու
խոր
աշխատաւորներու
կողմէ
մշակուած
(ուրիշ
բան
չեն
եղած
աշխարհի
տաղանդներն
ու
հանճարները),
թերեւս
կը
վերանային
արուեստի։
Այդ
ձեւին
մէջ,
որով
դրուած
են
հոն,
անոնք
կը
ներկայացնեն
անանուն
վիժուկը,
տափակ
շարադրութիւնը,
զոր
դպրոցի
տղաքն
իսկ
երբեմն
պիտի
չուզէին
ստորագրել։
Ու
իբր
թէ
բաւ
չըլլար
այս
սրբապղծութիւնը,
ահա
փարիզեան
քննադատ
մըն
ալ
աղէտը
իր
լրումին
կը
հասցնէ,
զանոնք
զմայլանքի
առարկայ
դարձնելով։
Չեմ
գիտեր,
թէ
այդ
դատումներուն
մէջ
ո՛ր
համեմատութեամբ
խառնուած
են
կեղծաւորութիւն
կամ
համոզում։
Բայց
տգիտութեան
չափը
պզտիկներէն
չէ։
Ինչ
որ
անհասկնալի
է
մեզի,
պրոլետար
ըլլալու
համար
տափակ
ըլլալու
յանձնառութիւնն
է,
պայմանադրութիւնը,
զոր
կարծես
կը
ստորագրեն
առաջուընէ։
Մարքսիսթ
էսթէթիքը
չեմ
կարծեր,
որ
ատանկ
հրամայական
մը
պարտադրէ։
Ու
կը
հարցնեմ,
-
Ինչո՞ւ
խանդավառուիլ
անուններով,
որոնք
ոչինչ
ունին
գռեհկութեան
այս
հերոսներուն
հետ։
Ինչո՞ւ
սրբապղծել
Պլոքն
ու
Հանրի
Պարպիւսը՝
Մահարիի
մը,
Ալազանի
մը
կամ
Չարենցի
մը
արգատաշ
ութեան
մէջ։
[4]
Աւելի
քան
խանդավառող
բան
կար
այդ
սերունդին
մօտ,
որ
վերջին
տասնամեակին
բացուեցաւ
արուեստին։
Գուցէ
կանխահաս
է
զայն
վրիպած
տեսնելու
այս
փորձը։
Բայց
արդէն
իսկ
կարելի
է
շարժումին
մեծ
գիծերը
սեւեռուած
նկատել։
Այսպէս,
եթէ
մեր
քնարերգութիւնը
աւաղելու
անուններ
չունի
այս
մատնութեան
մէջ,
մեր
վէպը
խորապէս
պիտի
ազդուի
այս
ընկրկումէն։
Վասնզի
բացի
իրենց
պակասէն,
մենք
հարկին
տակն
ենք
ողբալու
սոնքալը
ուրիշներու,
մեծ
մասով
խառնածին,
որոնք
արեւելահայ
վէպին
ամէնէն
տափակ
թերթօնները
կը
հրամցնեն
մեզի,
անբան
պատրանքով
մը,
որ
Շիրվանզադէի
թերութիւնները
միայն
կ՚արժեւորեն։
[5]
Այս
նոթերուն
քիչ
մը
շատ
ընդհանրութիւնը
զիս
զգուշաւոր
կ՚ընէ
անուններ
թուելու
համար։
Վասնզի
տեսակէտը,
ուրկէ
կը
մեկնիմ՝
քննադատի
տարազներէ
չէ
թելադրուած։
Կը
հասկնամ
բոլոր
այն
տղաքը,
որոնց
կտորներուն
մէջ
ինծի
տրուած
է
հաստատել
անհատական
խառնուածք
մը
եւ
արուեստի
միջոցներու
որոշ
իւրացում։
Յետոյ,
շրջափոխութիւնը,
որ
այդ
խառնուածքները
կ՚առաջնորդէ
իրենց
ճակատագիրներուն։
Տասը
տարի
է
ի
վեր
նոյնը
մնացած
պատմելու
ձեւ
մը,
այսինքն՝
աչք
մը,
քիչ
մը
ժխտական
տրամադրութիւններ
կը
յարուցանէ
իմ
մէջ,
ինչպէս
տասը
տարիէ
ի
վեր
ձեւը
տարուի
բառական
բանաստեղծութենէն՝
հոն՝
ուր
աւելորդ
ու
վնասակար
էր
անիկա։
Աղքատանայ,
լեզուի
մը
անլքելի
էսթէթիքն
ի՛սկ
ուրանալու
աստիճան,
ու
պատմէ
թերթօնելով։
Կամ
աճապարէ
գուցէ
ակամայ,
փախի
խորունկ,
կնճռոտ,
բայց
գրաւումովը
շահաւէտ
կացութիւններէն
ու
գոհանայ
թեթեւ,
մէկ
երեսով
ու
առանց
խորութեան
յեղումի
մը
փառքէն։
[6]
Այդ
գաղութին
մէջ
ինչ
որ
կար
իբր
կենսունակ
տարր
հասկցէք
այս
տարազին
մէջ
նոյնիսկ
շքանշաններու
ու
պետական
աստիճաններու
այլապէս
խռովիչ
հմայքն
ու
լուսապսակը
փողփողողները
մինչեւ
վերջին
պատերազմը
կը
պահէր
համեմատական
ուրոյնութիւն,
հարազատութիւն
ու
մասնակի
դիմագիծ։
Այդ
տարրը,
իր
պալատներուն
ու
մեղքերուն
պարտէզներէն,
չէր
սակարկեր
ինքզինքը
ստուերելու,
այլագունելու
ստորնութիւնը
ու
կը
սիրէր
երեւնալ
իր
անունով։
(Կապել
երեւոյթը
19րդ
դարու
առաջին
կէսին
փայլող
նոյն
տիպարներուն
կենցաղին)։
Շրջապատին
դէմ
հակազդեցութեան
այս
կեցուածքը
թերեւս
իր
ուժն
ու
շեշտը
կ՚առնէր
կարգ
մը
ազգային
արժէքներէ,
որոնք
այդ
շրջաններուն
իրենց
գրաւած
կարեւոր
դիրքերուն
վրայէն
իրենց
հմայքը
կը
տարածէին
իրենց
ազգակիցներուն
վրայ։
Ու
դիտողութեան
արժանի
երեւոյթ,
այսօր
այդ
արժէքները
չեն
փոխարինուիր։
Պակսող
ամէն
մէկ
քար
տեղը
չի
ձգեր
նորին,
հակառակ
անոր,
որ
կրթութիւնը
աւելի
լայն,
աւելի
արդիական
(բառը
առնելով
եգիպտական
իմաստով,
որ
կը
նշանակէ
միսիոնարական
կամ
ճիզուիթական)
դարձած
է
մեր
քաղքենի
դասակարգին
մէջ,
որուն
տղաքը
-ինչ
շատ
է
թիւը
անոնց
մէջ
նոյնիսկ
ազգային
նախակրթութենէ
մը
չանցածներուն-
այնքան
լաւ
կը
պատրաստուին
դիրքերու
պայքարին,
ճիզուիթներու
կամ
ամերիկեան
հաստատութեանց
մէջ։
Զուր
տեղը
չէ
ուրեմն
հաւարը
մարդու
պակասին։
Ու
հասկնալի
է
ինքնին,
աճապարանքը
մարդ
փնտռելու՝
երբ
երէկուան
այդ
սերունդէն
մեծագոյն
տոկոս
մը
քաշուած
է
իր
պատեանին
մէջ
ու
իրեն
տիրական
զբաղանք
ունի
միայն
իր
հասոյթներուն
ապահով
ու
արդիւնաւէտ
զետեղումն
ու
գործածութիւնը։
Տարիքին
տեղատուութիւնը։
Այո։
Բայց
ո՞ւր
են
նորերը։
Այսինքն՝
անոնք,
որ
համարձակէին
ոտք
նետել
այդ
կալուածներուն,
բայց
պահէին
իրենց
անունն
ու
ազգութիւնը։
Այս
նահանջը
վճռական
է։
[7]
Չշփոթել,
մեր
լեզուին
դէմ
այս
անփութութիւնը,
երբեմն
նաեւ
գարշանքը
այն
ոգիին
հետ,
որ
անցեալ
դարուն
մեզմէ
անջատեց
ու
թշնամի
ըրաւ
մեր
Դատին՝
այնքան
արժէքաւոր
զանգուածներ։
Կրօնական
խտրականութիւնը
չ՚այլասերեր
հիմակուանները,
որոնց
արհամարհանքը
աւելի
զարգացած
ու
հետեւաբար
աւելի
տիլէթանթ
է։
Ասով
է,
որ
ան
աւելի
անհասկնալի
կը
դառնայ,
sous
le
le
signe
de
la
culture.
կա՞յ
աւելի
պժգալի
մեղք
մը
միտքի
մը
համար,
քան
ուրանալ
ինքզինքը։
Տեսէք
զանոնք,
երբ
քարափ
կը
վազեն
նոր
հասած
երգչուհիի
մը
միջակ
արուեստին։
Տեսէք
զանոնք
օտար
հանդիսութեանց
օրերուն։
Ի՜նչ
սրտառուչ
հաւատարմութեամբ
կը
լեցնեն
շրջիկ
խումբերու
պատահական
ներկայացումները
ու
չեն
բացակայիր
սինեմաներէն,
ուր
կը
փնտռուին
ամէնէն
քիչ
իրենց
խելքին
համար։
Մոռցած
են
անցնիլ
եկեղեցիին
առջեւէն։
Ու
չեն
զիջանիր
իրենց
լուսաւորեալ
ակնարկը
օրաթերթին,
երբ
անիկա
խմբագրուած
է
իրենց
պապերուն
բարբառովը։
Բայց
անոնց
գրպաններէն
օտար
թերթերու
անունները
իրենց
խոշոր
գիրերը
կը
ցուցադրեն
խարտեաշ
կիներու
բուրումնաւէտ
նայուածքին։
Աւելորդ
է
շարունակել
այս
տեսարանումը։
[8]
Բոլոր
գաղթական
քաղաքակրթութիւններուն
ճակատագիրն
է
նուազած,
ծաղրանկարուած
հանդերձանքով
մը
գոհանալ,
երբ
մանաւանդ՝
բոլորովին
օտար
մարզերու
կը
մղուին։
Աչքի
առջեւ
բերէք
ֆրանսական
քաղաքակրթութիւնը,
որ
պարտաւոր
է
պուռնուզի
մէջ
վարշամակուիլ՝
մատչելի
ըլլալու
համար
չեմ
ըսեր
Սուտանին,
այլ՝
նոյնիսկ
Թունուզին։
[9]
Ս.
Պարթեւեան
ապահովաբար
Լոնտոնը
պիտի
չվերյիշէր
իսկ՝
երբ
«միջակութեան
բանակին»
համար
տիպարներու
պէտքը
զգար։
Անոնք
ամէն
տեղ
են
հիմա,
իրենց
մարմնամոյնքին
կարելի
հարազատութեամբը,
բայց
մանաւանդ
իրենց
հոգիներուն
անհաւասարելի
գորշութեամբը։
Ու
ո՜վ
հեգնութիւն,
սխրալի
զուգադիպում
մը
իրեն
շնորհը
պիտի
նուիրաբերէր
Տէրոջը,
որ
Լոնտոնէն
Գահիրէ
փոխադրած
է
իր
կազմակերպութիւնը,
մարգարէներն
ու
Պօղոս
առաքեալը։
Վասնզի
մոռնալու
չէ,
որ
ամէն
աղանդաւոր
կորսուած
արժէք
մըն
է
իր
պատկանած
ժողովուրդէն։
Այն
տղաքը,
որ
Տէրոջը
փարախը
կ՚երազեն,
պիտի
գտնեն
իրենց
յարդն
ու
խոտը
ու
անկէ
անդին
պիտի
մոռնան
մեզ,
այո՜,
նոյնիսկ
մեր
եկեղեցին,
որուն
անունովը
զինուորագրուեցան
սակայն։
[10]
Պէտք
է
ըսել
վերջապէս,
նոյնիսկ
այդ
մեծ
քաղաքակրթութեանց
հարազատ
պաշտպաններուն
աչքը
բանալու
համար՝
մեր
ամբողջ
ատելութիւնն
ու
պժգանքը
այդ
ստորին
ապրանքին
դէմ,
որ
անոնց
կրթութիւնը
կ՚անուանեն։
Ինչ
որ
տեսանք
քառորդ
դարու
մը
ընթացքին
անոնց
առաքելութիւններէն,
մեզի
իրաւունք
կու
տայ
այս
ցասումին։
Կեղծաւորութիւնը,
բթամտութիւնը
նոր
պատուաստում
են
մեր
արդէն
արատաւոր
նկարագիրին
վրայ
ու
անոնց
մշակները՝
սրբառաք
քարոզիչները
«կենաց
բանին»։
Այդ
բանակն
է,
որ
սպրդած
է
ամէն
տեղ
ու
մեր
գաղութներուն
հոգին
տարրալուծած։
Աւելի
ընդարձակ՝
քիչ
մը
ետքը։
[11]
Եգիպտոսի
մէջ
մարդ
մէկ
օր
միայն
նոր
է,
ան
ալ
ոտքը
քարափ
դրած
օրը։
Անմիջապէս
կը
սկսի
հնացումը
ու
յատկանշական
է,
որ
այդ
սկսումը
ըլլայ
գլուխէն,
որ
իր
պարունակութիւնը
մինչեւ
հիմնովին
վրայ
տալը՝
առնուազն
կը
կասի
ու
չ՚աճիր։
Տարօրինակ
է
այդ
ճնշումը,
որ
իր
հզօր
թաթին
տակ
կը
պահէ
ամէն
ներածում։
Աղեքսանդրեան
դպրո՞ցը։
Այո՜։
Այսինքն՝
ստերջներու
կայսրութիւնը։
Ու
ձգելով
իմացական
մարզերը,
մօտեցէք
նոյնիսկ
գոմէշներուն։
Մարդ
կը
ցաւի,
որ
մեզի
ծանօթ
այդ
թանձրաթաղանդ
կենդանին
իսկ
չկարենայ
պաշտպանել
իր
գլուխին
համաչափութիւնը,
որ
մէկ
սերունդ
յետոյ
կը
զեղծանի
ու
կը
վերադառնայ
երկրին
ընդհանուր
գծագրութեան,
շնագլուխ
coupeին։
Աւելորդ
է
զբաղիլ
Եգիպտոսի
բարութեամբը,
յիշել
բաւ
է
միայն
Նարեկացին,
«որուն
սիրտը
մշտապէս
Եգիպտոս
յարած
է»
եւ
որ
մահկանացուներուս
լեզուով
կը
նշանակէ,
թէ
այդ
մեղքին
քաւութեանը
համար
իր
աչքերը
բաւարար
արցունք
ունին։
[12]
Հինցած
վէճ
մը
թարմացնել
չէ
նպատակս։
«Բրոտ»ը
պատմութեան
անցած
բառ
մըն
է
ա՛լ
ու
հետեւաբար
անվնաս։
Բայց
ինչ
որ
կը
շարունակուի
այդ
ամերիկեան
ազդեցութենէն,
այսօր
աւելի
քան
կործանարար
է
գաղութներու
համար։
Անցեալին
մէջ,
երբ
մեր
երկիրը
ունէինք,
այդ
ազդեցութիւնը
բարեխառնուած
ու
չէզոքացուած
էր
մեր
ժողովուրդին
զանգուածէն
ու
մեր
դարաւոր
բարքերը
կ՚օղակէին
անոր
մէջքը։
Հիմա,
մանաւանդ
կէս
քաղաքակիրթ
կեդրոններու
մէջ,
անիկա
մշակոյթին
տարազն
է,
որ
փոխ
կ՚առնէ։
Ու
յիշել
միշտ
արտածուած
այդ
իմացականութիւնը
երբեմն
տարագրուած
ալ,
ինչպէս
ֆրանսականին
մէկ
կարեւոր
մասը
յաճախ
տականքն
է
ամէն
օտար
մշակոյթի։
Ոչ
մէկ
առարկութիւն
ունիմ
անոնց
տիտղոսներուն,
վկայականներուն
մագաղաթեայ
ու
կռնծած
սրբութեան։
Ոչ
մէկ
առարկութիւն
անոնց
գլուխները
ամբոխող
պաշարին։
Բայց
մենք
տեսանք
անոնց
հոգիին
ահաւոր
բորը,
դեռ
վերջնագոյն
աղէտին,
երբ
այրիներուն
ու
որբերուն
համար
մուրացուած
միլիոնները
ինչ
սառնութեամբ,
չըսելու
համար
հրէշութեամբ
պետական,
կրօնական
ու
պաշտօնական
կողոպուտի
մը
վերածեցին։
Երբ,
հոգիով
ու
մարմնով
ախտավարակ
ու
փատցած
պառաւներ
մեր
որբերուն
ու
որբուհիներուն
ողբերգութիւնը
շահագործեցին
միշտ
Քրիստոսի
անունով
եւ
շատ
մօտիկը
գտնուեցան
թուրքին
ըրածին,
ատելով
նոյն
կոյր
ու
ապուշ
ատելութեամբ,
ինչ
որ
ատած
ու
հալածած
էր
մեր
մէջ
թուրքը
մեր
ազգային
նկարագիրը։
Սրբուհի
մը,
որուն
ակռաները
թափեր
էին
կէս
դարէ
ի
վեր,
մեր՝
հայերուս
մեղքերուն
համար
երկինքէն
գթութիւն
կափկափելէ,
անճառ
երանութեամբ
մը
կը
պատմէր
ինծի,
թէ
գտած
էր
վերջապէս
աստուածային
դարմանը
մեր
ցեղը
փրկելու։
Չէք
կրնար
մտապատկերել
սակայն
երանութեան
աստիճանը
(անիկա
սերունդներ
սնուցած
էր
Պոլիս
եւ
ուրիշ
տեղ),
երբ
կ՚ուզէր
փոխարինել
մեր
որբերուն
երակներուն
հայրենի
արիւնը։
Այն
ատեն,
Օ՜,
հրաշքներուն
հրաշքը,
ջարդերը
կը
դադրէին
ինքնաբերաբար։
Հայր
Աստուածին
ալ
այսպէսով
խնայած
կ՚ըլլայինք՝
թուրքերը
պատժելու
քիչ
մը
ոչ
courtois
դերը։
[13]
Այս
կամ
այն
կազմակերպութեանց
չէ,
որ
կ՚ուղղուի
այս
մեղադրանքը,
կրօնքի
անունով
կատարուած
սպաննող
փրոպականտն
է
ան,
որուն
թոյնը
աւելի
անդին
կ՚անցնի,
քան
մեր
գրականութեան
շրջանակը
ու
կը
թափանցէ
մեր
կենսաբանական
ալքերուն։
19րդ
դարու
բողոքականութենէն
տարբեր
է
այս
ամերիկանացած
քարոզը։
Մեր
հոգիին
արդէն
խարխլած
շաղախին
մէջ
օտար
տարրերու
այս
ներմուծումն
է,
որ
ամէնէն
շատ
կը
վրդովէ
մեզ։
Հաւատքը
ուժ
մըն
է,
եւ
իբր
այդ՝
արժանի
յարգանքի։
[14]
Դառն
այս
փորձառութիւնը
նոր
չէ
սակայն
մեզի
համար։
Հոգեկան
այս
խաթարումը
-
ապազգայնացման
պարունակէն
այս
անգամ-
մենք
դիտած
ենք,
ի
հարկէ
աւելի
նուազ
սաստկութեամբ
մը
Պոլիս,
ուր
ամերիկեանութիւնը
իր
միջնաբերդը
ամբարձուցած
է
կէս
դարէ
ի
վեր։
Տխուր
է
մտածել
այն
թերի,
չըսելու
համար
չնչին
արդիւնքին,
որ
այդ
հոյակապ
հիմնարկութիւններէն
հասած
ըլլայ
մեզի։
Ու
ատենը
եկած
է
յայտարարելու,
որ
Միջակաստանին
այս
ոստանէն
մեզի
չէ
եկած
ոեւէ
անուն,
որ
հանրային
կեանքի
որեւէ
կալուածին
մէջ
աչքի
զարնէր՝
առնուազն
իր
հայրենանուէր
գործունէութեամբը։
Մեր
մամերուն
եւ
մեր
պապերուն
տխեղծ
միջոցներն
էին,
որ
վերջին
մեր
կրթութիւնը
կարելի
ըրին
ազգային
պարունակի
մէջ։
Ու
ոսկեզօծ
այդ
շէնքերէն
մենք
չունեցանք
ոչ
մէկը։
Անշուշտ
պէտք
չէ
վիրաւորանք
գտնեն
այս
տողերուն
մէջ
բոլոր
անոնք,
որ
այդ
հաստատութեանց
մէջ
կրթուած,
անոնցմէ
«ջամբուած»
սուրբ
սնունդով
զօրացած,
«բարի
ու
առաքինի»
քաղաքացիներ
եղան,
գործի
«պատուական»
մարդեր։
Պանքաներ
ու
անանուն
մեծ
ընկերութիւններ
վարեցին
ու
դեսպանատանց
ու
դիւանագիտական
մարմիններու
շրջանակին
մէջ
մեծ
վարկ
վայելեցին։
Տեղն
է
ըսել,
որ
այնքան
աղէտաւոր
օրերու,
անոնք
իրենց
ձեռքին
տակ
ինկած
տեղեկագիրներու
ընթերցումովը
միայն
յիշեցին
իրենց
ազգը
ու
երախտապարտ
եղան
դպրոցին,
որ
յաջողած
էր
թուրքերուն
թուրէն
պաշտպանել
իրենց
գլուխները։
[15]
Պատերազմէն
առաջ
ազգային
վարժարանը
արհամարհանքի
պիտակ
մըն
էր,
որուն
վարժուած
էին
նոյնիսկ
այդ
վարժարանները
վարող
խորհուրդները։
Ասոնք,
նոյնիսկ
գիւղաքաղաքներու
մէջ,
ուր
օտար
ծաղկոց
մը
գոյութիւն
ունէր
երկու
զառամ
քոյրերու
աղօթասացութեամբ
միայն
կանգուն,
չէին
վարաներ
իրենց
տղաքը
հոն
ղրկելու։
Ու
կը
ջանային
վարժարանը
տանիլ
իրենց
հաշիւներով։
Ամէն
տեղ
ազգային
վարժարանը
նկատուած
է
ծուլութեան
եւ
տգիտութեան
ամբարտակ
մը։
Բողոքական
քոլէճները
եւ
մեր
հոգաբարձու-թաղականները
առաջին
պատասխանատուներն
են
այդ
վիճակին։
[16]
Առնուազն
անմարդկային
է
այդ
տիպարներուն
զգեցած
արհամարհանքը
հանդէպ
իրենց
պաշտօնեաներուն։
Ու
նրբին
անխղճութեան
ի՜նչ
երեւոյթ
է
այն
կամակորութիւնը,
ամբարտաւանութիւնը,
զոր
կը
ցուցադրեն,
ազգին
դրամովը,
ազգային
ծառայողները
անարգելու
մէջ։
Մինչ,
նոյն
այդ
մարդերը
հազար
հաշիւներով,
խորունկ
հեռատեսութեամբ
ու
նոյնիսկ
մարդկային
պարկեշտ
զգացումներուն
ընդունակ
սիրտերով
կը
վարուին
իրենց
սեփական
գործերուն
մէջ,
աշխատանքի
գրաստներուն
հետ,
ասդին
անմեկնելի
հրաշքով
մը
կը
դառնան
անխելք
ու
անսիրտ
նոյն
ատեն։
Խորացուցէք
դիտողութիւնը
ու
կը
լուծուի
հանգոյցը,
մարդ
անկեղծ
է
իր
շահերուն
հետ
ու
համար։
Մեր
ո՞ր
պատուակալ
պաշտօնատարը
ձեռքը
խղճին
պիտի
դնէր,
հակառակը
յայտարարելու
համար։
Ու
այս
այսպէս
է
վերէն
մինչեւ
վար։
Անվճար
պաշտօններուն
reversը։
[17]
Հոգեկան
այս
խաթարումը
ամէնէն
աւելի
երեւան
կու
գայ,
երբ
երէկուան
ընկերը,
բախտին
բերումովը
վաղը
իշխող
կը
դառնայ
գլխուդ։
«Կրկնակսկուռ»,
ինչպէս
պիտի
ըսուէր
երկու
անգամ
խորովուած
հացին
համար։
[18]
Ինչպէս
ատեն
մը
քահանայութիւնը
հաւանական
կայան
մըն
է,
որուն
յոյսովը
կ՚ապրէր
ամէն
բանի
մէջ
ձախողած
խանութպանը,
այսօր
ալ
ուսուցչութիւնը
ասպարէզ
մըն
է,
որ
տրամադրելի
է
կարդալ-գրել
գիտցող
ամէն
մարդու։
Տարբերութիւն
մը
սակայն,
քահանայութիւնը
հանգստակայան
մըն
է
եւ
վերջ
մը,
ուսուցչութիւնը
սկիզբ
մըն
է,
որ
դատապարտուած
է
չսրբագրուելու։
[19]
Այս
արդիւնքին
համար
չեն
նեղուիր
տղոց
չափ
միւս
շրջանակները
որոնք
պաշտօնն
ունին
հսկելու
ազգային
ոգիի
մշակոյթին։
Երբեմն
պայմաններուն
աններողութիւնը,
երբեմն
կորովի
պակաս
մը,
երբեմն
աթոռները
գրաւողներուն
օտարութիւնը
իրենց
պաշտօններուն
իրարու
կ՚աւելնան
ու
կը
ստեղծուի
traité
համերաշխութիւնը։
Ա՛լ
անիկա
տիրող
գոյավիճակն
է։
Դպրոցը
կը
քնանայ,
արեւադարձային
ճնշումին
տակը
սկզբունքներուն,
բարձրօրէն
գործնական
ու
մանկավարժական։
Առաջնորդ,
երեսփոխանական
ժողովի
կազմ,
հոգաբարձութիւն
կը
փոխուին,
կը
նորոգուին,
բայց
անկարելի
կ՚ըլլայ
նշանախեց
մը
անգամ
փոխել
դպրոցին
կրացած
պատեանէն։
Այսպէսով
է,
որ
Եգիպտոս
սպառած,
հալեցուած
է
իր
մէջ
ինկող
դուրսէն
ամէն
արժէքաւոր
տարր։
Ու
ինք
ոչինչ
է
տուած
մեր
իմացական
հարստութեան։
Տարօրինակ
է,
որ
մեր
ամէնէն
արժէքաւոր
մտաւորականները,
որոնք
բախտը
հոդ
է
նետած,
չեն
կրցած
հակազդել
Նեղոսի
թմբիրին,
որ
ցեխի
կը
նմանի
քիչ
մը։