ԺԺՄԱԿՆԵՐ
ԺԺՄԱԿՆԵՐ
(ԵՐԲ
ՑԱՄԱՔ
Է
ԾՈՎԸ)
Կիները
կ՚ախորժին
յոգնած
այրերէն։
Կը
սիրեն
խակ
տղաքը։
Կ՚ատեն
հասունները։
*
*
*
Կիները
կ՚ախորժին
շրջապատուիլ,
սալոններու
մէջ,
պարտէզներու
բեմին,
յոգնած
մարդերէ,
որոնք
աղպղպեղէն
առաջ,
կը
նստին,
անոր
նայուածքէն
ու
անոր
անգայտաչափէն։
Հանգչած
ու
հաճելի
մարդեր,
յաճախ
ընկերային
դիրքի
մը
փարաշիւթովը
անձնավստահ
կամ
հաստատ
առաքինութեանց
կերոններէն
հսկուած
կամ
շաքարախտին
կնիքովը
տրտմավարակ։
Այդ
մարդերը
մուտք
ունին
ամէն
այն
գետիններուն
վրայ,
ուր
սեռին
բախումը
մեղմացուած
է
շատ՝
աս
ու
ան
առանձնացող
(isolant)
պատրուակումով.
ըսել
կ՚ուզեմ՝
երբ
սեռային
աքցանը
կուղպ
կը
պահէ
իր
կզակները
խուլ
ու
խորունկ
թաթին
տակը
մեր
անհաշիւ
նկատումներուն։
Թատրոն,
հանդէս,
այցելութիւն,
դիտեցէք
ու
պիտի
զգաք
մաշածին,
ներքնապէս
անվնաս
դարձածին
հանդէպ
կիներուն
հետաքրքրութիւնը։
Վասնզի,
անոնց
բնազդը
անվրէպ
իր
վերլուծումը
կ՚ընէ
խաղաղ
ու
քիչ
մը
գորշ
այն
դիմակներէն,
որոնք
կախուած
են
անոնց
նայւածքին,
այրերու
երեսէն,
ու
կը
դատէ
աչքն
ու
ձայնը,
սեռն
ու
ցամքումը՝
ապահով
իմաստութեամբ։
Ուրկէ՞
այս
գիտութիւնը։
Անոնք
բոլորն
ալ
այրերը
կը
դատեն՝
ամէն
բանէ
առաջ՝
իբր
տարիք
մը,
թուական
մը։
Առաջին
իսկ
շփումով
կինը
կը
զատէ
այդ
յոգնաթափումը
ծերութենէն,
որ
հոմանիշ
է
դանդաղութեան
-այսինքն՝
կենսահիւթի
դանդաղ
հաւաքման,
փցուն
աղմուկի,
անկորիզ,
անգնդակ
հրախաղութեան,
երբեմն
ալ
ներքին,
հոգեկան
ամլախտի,
քայքայումի,
կեանքի
խմորէն
անդարման
սառումի։
Վարագուրուած
ու
երկկենցաղ
այս
յոգնութիւններուն
քով
կիները,
առանց
ճիգի
կը
վերադառնան
իրենց
մանկութեան
ու
չտեսնել
կը
կարծեն։
Դարձեալ,
նոյն
այդ
կողմնացոյցով
անոնք
կը
զատեն
սահմանները,
ուրկէ
խանդին
յոգնութիւնը
կ՚ընկղմի
ախտաժէտութեան
ճահիճին
մէջ,
հիւանդութիւնը
շատ
յաճախ
գողութիւն
մըն
է
սեռին
դէմ
ու
դաւաճան
յարձակում
մը։
Այս
է
պատճառը,
որ
կիներուն
կատաղութիւնը
հասնի
անլուր
չափերուն՝
անկարողութեան
դիմաց։
Կիները
կ՚ախորժին
յոգնած
այրերէն,
երբ
սեռը
կայ
ու
չկայ,
ըսել
կ՚ուզեմ՝երբ
պէտք
կը
զգան
իրենց
կշտացած
զգայարանքները
լուալու
սեռին
աղերէն
ու,
փոխանակ
բաղնիք
երթալու՝
կը
խօսին։
Միամիտ
է
այրը,
որ
մտիկ
կ՚ընէ։
Ան
յաճախ
կը
շփոթէ
կիներուն
մօտ
հանգիստի,
լուացքի
այս
պէտքը
սեռային
պատրանքին
հետ։
Ան
պիտի
լուսաւորուի
այն
ատեն
միայն,
երբ
ժպիտով
ու
բարութեամբ
ճամբու
կը
դրուի
զարդախուցին
նրբանցքէն։
Կիներուն
անօթութիւնը
պատճառ
է
այս
դիմակաւորումին։
Հո՛ն՝
ուր
երկու
արու
աղեղին
տակն
են
էգին
ձգողութեան,
յոգնածը
պիտի
զոհուի
միշտ
իբր
կենսահիւթէ
աղքատ
արարած։
*
*
*
Կիները
կը
սիրեն
խակը։
Նկատի
մի
ունենաք
զգացումին,
աւելի
ճիշդ
բառով
մը՝
սեռային
կիրքին
երանելի
ասպետուհիները,
որոնք
շրջանի
մը,
քաղաքականութեան
մը
արձակութեանց
վրայէն
զատեցին
ու
գմբէթեցին
գեղեցկութիւնը
իրենց,
ու
իրենց
մեղքերուն
տեւողութեան
ամաններէն
ձեւեցին
կառոյցը
իրենց
տարփանքներուն,
տալով
իրենց
մարմինին
պատկերը
իրենց
շունչովը
ջերմացած
ոլորտին։
Անշուշտ՝
արիւն,
այսինքն՝
ծաւալուն
սպանդ,
ինչպէս
իրողութիւնն
է
դեռ,
կարգ
մը
միջատներու
կայսրութեան
մէջ
(յիշեցէք
մեղուներուն
հարսնիքը)։
Անշուշտ՝
արուեստ,
այսինքն՝
սեռային
զգայարանքին
համար
գահաւորական,
ականակուռ
պատմուճան։
Ու
անշուշտ
միսէ
սկաւառակը
կիներու
դէմքին,
որ
կը
վարէ
սլաքները
ժողովուրդներու
ախորժակին
ու
երկիրները
կ՚արձակէ
երկիրներուն
վրայ։
Անոնք
տիրեցին
իրենց
ժամանակներուն,
բազուկովը
արուին
ու
կը
հաստատեն
երեւոյթին
բացառիկ
երեսները։
Օդերեւոյթ
այս
կիներուն
մօտ
խակին
ախո՞րժը։
Նայեցէք
ձեր
ժամանակին
մեծ
տիկիններուն։
Նկատի
ունեցէք
զանգուածը,
հիւրասրահները,
խօսակցութեան,
հաւաքոյթի
վայրերը.
փողոցները
եւ
ժամադրութեան
ակատները
լեցնող
հասարակ
տարրը։
Ի՞նչ
է
անունը,
գոյնը
ախորժակին,
որ
շրջան
կ՚ընէ,
տուն
կու
տայ
եւ
պատգամը
կը
կտրէ,
միջակութեան
այդ
ընդերքէն։
Ածակա՞ն
մը։
Հարկա՛ւ։
Ու
տխուր
է
գտնել
անհեթեթութիւն
մը
աւելի
պերճ,
քան
հակումը
դէպի
հում,
խակ
տղաքը,
որ
կը
զգլխէ
կիները,
գուցէ
այդ
իսկ
ծորումովը։
Խաբե՞լ։
Խաբուի՞լ։
Խե՜ղճ
բառեր։
Որքա՜ն
քիչ
են
տալու
համար
իրենցմով
փոխանորդել
ուզուածը։
Այրերը
իրենց
խաբուելուն
կսկիծէն
աւելի
խոր
կը
զգան
յիմարութիւնը.
անբացատրելի
փաստը
իրենց
սիրականներու
ճաշակին
ու
կը
տառապին
մանաւանդ
սնափառութեան
մարզերէն։
Թող
հետազօտեն
անոնք
իրենց
զինանշաններուն
դիւանները
եւ
մագաղաթները
իրենց
ազնուականութեան։
Թող
դիզեն
իրենց
ոսկիները,
իրենց
առաքինութիւնները,
իրենց
մարմիններուն
ալ
ոսկիները
իրարու
վրայ
ու
հասկնալ
ջանան,
թէ
ինչպէս
իրենց
սրբասուն
տիկինները
ու
աղջիկները
ըլլան
կոյր
ու
«օձ»
այդ
աստիճան։
Անոք
պիտի
կասկածին
շատ
բան,
բայց
պիտի
չխորհին
այն
հզօր
ձգողութեան,
զոր
ունին
խակը,
հումը՝
կիներու
ռունգին։
Ու
հոս,
այս
երկու
հոմանիշները՝
իրենց
իմաստին
բոլոր
հոծութեամբը,
աւելի՝
իրենց
փոխաբերած
մտածումին
ալ
ժողովրդական
երանգովը։
Աւելի՝
խակ
ամէն
բանի
ընկերակցող
դերբուկը,
ճռզածը,
զարնուածը։
Աւելի՝
գուցէ
ինքնախաբում
մը,
դղրդում
մը,
սանկ
հիբնոսացում
մը,
որով
լիացած,
յափրուն,
բայց
խորապէս
ներսէն
ծարաւահիւծ՝
փարթամ
տիկին
մը,
նետուի
խենթի
պէս
նկուղը
իր
կառապանին
կամ
խոհարարին։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
նախնական
այս
արարածներուն
խակութիւնը
գլխաւոր
մագնիսը
կը
մնայ
այս
քայքայումին։
Վասնզի
հասնիլը
աւարտ
մըն
է
եւ
մահ
մը։
Ծառին
վրայ
պտուղը
կ՚ապրի
խակ
իր
լուսապըսակով։
Որդը
կը
զգետնէ
զայն,
երբ
ծերութիւնը,
հասուննալը
տեսարան
կու
գան։
Ու
կիները
խակին
համար
խենթացած
ատեն
պաշտպանած
կ՚ըլլան
չհասուննալու
հզօր
պատրանքը։
1931