Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

 

II

Ա.

Նալպանտենց հարսին յղութիւնը տարածուեցաւ գեղին վրայ, այն աղմուկով, իրարանցումով, որ նման պատահարներ կը քաշեն իրենց ետեւէն։ Մէկ կողմէն [1] ՝ բանակ մը անօթի ժառանգորդներու, որոնք իրենց վրիպանքին մէջ կ՚ըսեն ու կ՚ընեն հսկայ յիմարութիւններ։ Տարակոյս։ Հերքում։ Երդում։ Գայթակղութիւն ու օրերու վրայ երկարող կռիւ, բարեբախտաբար խօսքի, որ հաճի Աննային գիծէն կը վարուի ամուր, լիրբ ու անսանձ, դրամին դեղին փայլովը. միւս կողմէ՝ անօթիներու սրտառուչ եղբայրութեան մը անփոյթ, կծու անպատկառութեանը մէջ։ Մենք կը թափենք մեր բերնէն շարաւանքը` չխնայելով գետինին, բայց անկէ առաջ անշուշտ մեր բերանին։ Բոլոր ասոնք կը յանգէին սակայն անկարելի աւետիսին, զոր մեծադղորդ պատարագ մը կը նուիրագործէր, զարմանալի, բայց հասկնալի։ Հաճի Կարապետին ո՜վ գիտէ քանիերորդ տարելիցն էր «սատկելուն»։ Ինչէ՞ն գիտէին, թէ մանչ էր գալիքը։ Մինչեւ պատարագին օրը՝ Նալպանտենց Սերոբին տունը ցնցուած էր խոշոր ու պատմական պատահարներով, որոնք տանիքի մը ճնշումին տակ՝ անկարող լիովին զարգանալու, սեղմուած չորս պատերու բանտին ու հզօր պառաւի մը ամենակար բազուկներուն մէջ, կը թաւալէին իրենք իրենց վրայ ` դժնդակ ու ահաւոր։ Կրակները ատոնք, Աստուծոյ ձեռքէն յատկապէս ղրկուած, պատուհասելու համար անոնք, որ դեր ունեցան կատարուած մեղքին մէջ։

 

*    *    *

Առաջին ու անսպասելի կրակը, որուն տարակոյսն անգամ չէր այցելած պառաւին խղճմտանքին այնքան բազմահնար ու կանխահոգ սակայն կու գար Սողոմէն, այդ գառան պէս քաղցր ու աղցանի [2] պէս հանդարտ երիտասարդէն։

 

Ծոցին առտուն իսկ (ուրիշ պատկեր մը անպատեհ է եղածը որակելու։ Անկէ ետքը մեղքը արտայայտեցին այդ անունով, որ դիմացաւ ու ծեծուեցաւ ուշ տարիներ մինչեւ։ Մնաց որ, ամէն ինչ տեղի ունեցեր էր ճշմարիտ առագաստի մը խորհուրդով եւ իրադարձութիւններով։ Զոյգ սաւաններ ներկուած էին արիւնով, որ երկու երիտասարդներուն ճակատագիրը կը սկսէր այդպէս եղերական վայելքի մը ծոցէն), անիկա գործի երթալու համար, դուրս ելաւ տունէն, անանկ իրաւ, [3] անանկ տարբեր, անանկ տէր, որ հաճի Աննան պռկըները խածաւ սրտին նեղութենէն։ Դաւադրութի՞ւն։ Բաւական կը ճանչնար իր հարսը, ատանկ հնարքներու ընդունակ կարծելու համար զայն։ Զգաց սակայն, որ բան մը փոխուած էր հին տունին մէջ։ Բայց թէ ի՞նչ՝ դժուար էր տարազել։ Զայն ճամբելէ յետոյ, զգուշանալով հարսին հանդիպումէն, գլուխն առաւ դէպի ժամ։ Կրցաւ աղօթել ու շեշտ նայիլ Ս. Պետրոսի նկարին, ուր այլանդակ մօրուքին վերեւ դաժան բերան մը պատգամ կը ձեւէր` կանթեղին լոյսը կիսելով կամ ուտելով ամբողջ։ Համրեց ճօճումները ու տրտմեցաւ։ Թիւը կը հակասէր իր առաջադրումին։ Բայց ժպտեցաւ տէրտէրին։ Ծանօթներու հետ իր շաղակրատութիւնը եղաւ կոտրած, «բռնուած»։ Իրաւն ան էր, որ ճամբան, արարողութեան, [4] վերադարձին, ան հալածուեցաւ նոյն մտածումէն, որ ձեւ չէր հագներ, ոչ ալ կը փարատէր։ Աչքին դէմն էր գլուխն ուժգին նետող տղան, [5] թեթեւ մը սպառազէն ներքին յանդգնութեամբ մը։ Կը ջանար մտապատկերել այդ հովը ուրիշ այրերէ եւ ուրիշ թուականներէ։ Բայց իր յիշողութիւնը եղաւ ժլատ։ Մենք ամէն ինչ կը պայմանաւորենք մեզմով ու կը հաւատանք մեզի, կործանումէն թիզ մը ասդին իսկ։ Պառաւը հարս եղած էր ատենին, բայց չէր խորհած հետեւիլ փեսային, երբ ան դուրս կ՚ելլէր իր ծոցէն։ Աւելի գործնական մտածումներ պաշարեցին զինքը։ Զղջաց չարաչար, ամէն առտուան պէս, զայն կանուխկեկ գործի ղրկելուն։ Սովորութիւնները մեր իրական տէրերն են ու անոնցմէ շեղում մը մեզի կը պարտադրուի միայն։ Յանդիմանեց ինքզինքը իր կարճմտութեանը համար։ Ինչո՞ւ լաւ մը զայն չխրատած, չկակուղցուցած քշեր էր դաշտ։ Մտքին մէջ մարմին եղան անհրաժեշտ, բայց վրիպած քարոզին հիմնական բառերը, զօրաւոր, լուրջ, վտանգալից, որոնք Զատկուան կարկանդակի նման տղան անշուշտ պագնէր ու ճակտին դնէր պիտի։ Եւ որոնք զայն պիտի պահէին գաղտնիքին ու պարտքին կղպանքին տակ։ Բայց այս ապահովութիւնը ինկաւ արագ, որքան ճարուած էր։ Մռայլ վախեր բռնեցին անոր ուղեղը, չբանաձեւուած ու ատով աւելի անդոհական։ Կը վախնանք, մա՛նաւանդ չգիտնալնուս, հոգիէն, որ կղպուած դուռ մըն է անծանօթ աշխարհի մը բերան ին ։ Աստուած գիտէ՝ ի՛նչ անձուկով ան սպասեց իրիկուան։

 

Ան օրուան համար, Սողոմին աշխատանքը Դաշտի [6] էգիներ որակուած մարզին վրայ էր։ Սիրուած ու համով հողամա՛ս մը։ Գեղին շուրջը հողերը այսպէս անուններով կը զատուին ու կ՚ըլլան գեղին չափ հաստատ իրականութիւններ։ Այդ դիրքերը, դարաւոր շփումի եւ քրտինքի ներքեւ՝ ճարած են տեսակ մը դիմագիծ ու աշխատաւորը կ՚ազդուի անկէ։ Հոդ, դաշտ մը ամբո՛ղջ։ Կանխագոյն մշակուած ու քանի մը դարով ձիթաստաննե՜րը։ Հսկայ՝ բայց համաչափ իրենց ծառերով ու ասոնց ժպտուն բարիքովը։ Ասոնք այդ դիրքը կ՚ընեն քաղցր ու խորհրդաւոր։ Հասակնին առած այդ ամբարձումները իրենց մարդկային կողմէ կապը չեն կտրեր ու կը մնան հաւատարիմ անոր, տիրոջը սղոցին։ Բայց կը կազմեն մութ կանանչի ճշմարիտ ծով մը գլխուդ վերեւ։ Ու ճշմարիտ բանակ մը, անսահմանօրէն քաշուող, հեռացող, աչքիդ դէմ, բուներու անվերջ շարքե՛ր, մութ թաւշագոյն կամ բաց կաւագոյն համազգեստին մէջ մամուռներուն։ Ու ոտքիդ, ալիւրի պէս մաղուած հողը, որ կը գտնէ ճամբայ դէպի միսերդ, տրեխէն թափանցելով իր փափկութիւնը։ Աշնան մուտքերուն, այսինքն՝ Աստուածածնէն ետքը, հոն կը պտտին աղջիկներն ու հարսները, որոնք գոյն-գոյն ատլասէ զգեստներու մէջ կը հեռանան, կ՚անգայտանան հեքիաթին ոգիներուն նման։ Այդ ամսու բեռնաւոր ծառերը կարօտ են ջուրի։ Հաճի Աննան իր սնտուկի կերպասներուն չափ գիտէ իր կալուածներուն պէտքերը։ Անիկա լուսդէմ խաշեր էր հաւը, պատրաստեր ձուազեղը։

 

Դեռ վարագոյրը չճերմկած, Սողոմը ելած էր Աղուորին սենեակէն։ Ողողուա՛ծ արու բանով մը։ Դիտմամբ թէ պատահմամբ չտեսաւ հաճի Աննան, որ կը տնտնար բակին մէջտեղուանքը ` հաւանաբար երկու-երեք ջուխտ սուղ բան խօսելու։ Առաւ մազին [7] տոպրակը, որ ուռեցած էր ձիուն ու իր կերովը։ Ելաւ սեմէն ` ետին իսկ չնայելով։ Այնքա՜ն կը բաւենք մենք մեզի, երբ նոր կը ձգենք օտար կնիկի մը անկողինը։

 

Հակառակ սովորութեան, որ տուգանքով կ՚արգիլէ՝ փողոցներէն՝ արագ վազքը, ի հաշիւ առատ պզտիկներուն, խօթացածներուն եւ նոյնքան մըն ալ հեծեալին այնքան խորտուբորտ է գետինին երեսը ու սապատով՝ սալերը , անիկա չկրցաւ խելօք քշել կենդանին։ Ան խթանած էր դիւրազգած երիվարը, զգլխիչ մտապատկերի մը ալիքին տակ, հազիւ յաջողելով ինքզինքը բռնել համետին։ Կենդանին կը նեղուէր, բայց կը թռէր ու իր պայտերը լոյս կու տային։ Հեծնողը հայհոյեց, բարձր, շրջապատէն լսուելու ցանկութեամբ, լայն ու գոհունակ, խանդավառուած նոր գիտակցութեամբ մը, որ յեղաշրջած էր զինքը մէկէն ի մէկ։ Ան առաջին անգամն [8] էր, որ իր բերնին, մա՛նաւանդ ձայնին մէջ, կը հաստատէր հասունութիւն մը, շեշտի ազատութիւն մը, աղտոտութիւն մը [9], որոնցմով կը զանազանուին ընդմիշտ խելօք մեռնելու սահմանուած տղոցմէն՝ սա միւսները, այսինքն՝ փորձանքի գացող ու փորձանք բերող խօլարիւն երիտասարդները։ Ասիկա դժբախտ փորձառութիւն մըն է, զոր գեղը կը հայթայթէ իր տղոցը, շատ յաճախ կռիւի մը ակօսներէն, դանակով կամ հրազէնով, շատ հազուադէպօրէն կնիկով մը։ Կաշին պատռել կ՚որակէ գեղացին այս մկրտութիւնը, ուր պատանութեանը պատեանը կը պատռի ընդմիշտ ու մերկ կը ձգէ երիտասարդը։ Կենդանին ջրելու համար շեղեցաւ անիկա Պտիկ Աղբիւրը։ Պատռուած [10] ու ինկած էր, գօսացած կեղեւի մը նման, խիպը անոր նայուածքին։ Տեսակ մը նոր «շնորհք» ու առնութիւն կը գրաւէին անոր ճակատը, ուրկէ ետ էր քշուած, մէկ կողմին հակումով՝ սրածայր գդակը, որ ուժովները, բռնաւորը կը տեսարանէ, ու ատ՝ գլխէն սկսելով։ Ի՜նչ կրակ կար թարմ այդ ճակատին վրայ։ Ինչպէ՞ս զգաց, որ կը դանդաղէր, սանձահարելով կենդանին, իրեն ոչ որոշ պատճառներէ դրդուած։ Հարսները քիչ էին ու սովորական։ Աղբիւրները ունին այդ պատկերներէն։ Աղուոր մը՝ ու կը փոխուի տեսարանը։ Խորհեցաւ ուրիշներու։ Անոնք անկողինը ըլլալու էին տակաւին։ Հարսնուկ մը զատեց իր սափորը փողրակէն, ու հրաւիրեց զայն լուացուելու եւ ջրելու ձին, անկնիք, պարզ ձայնով մը։ Սողոմը սարսռաց։ Անիկա այդ ձայնին մէջ գտած էր այն էգ բանը, որ զինքը փաթթեր էր լման գիշերը, որ դուրս էր ձայնէն՝ ինչպէս շարժումէն, ըլլալով երկուքը մէկ՝ իրարու մէջ, տեսակ մը հովահարում, բայց յստակ, ինչպէս են բառերը, երբ յղի կը մնան իմաստով։ Ու ան լուացուած էր այդ անպատմելի համին մէջ։ Աղջիկ մը խօսեցաւ իր կարգին, զարմանալով անոր այդ սառումէն։ Ու տարօրինակ յստակութեամբ տղան գտաւ ու ճշդեց երկու հնչիւններուն անկարելի տարբերութիւնը, հակադիր յօրինուածքը։ Չպատասխանեց հարսնուկին հարցումին ` տարուած ըլլալով զայն մերկացնելու իր մտքէն։ Զգա՞ց հարսնուկը այս աներեւոյթ ափափումը։ Նեղուած՝ քաշուեցաւ ան մէկդի։ Բայց տղուն մէջ կրկնուեցան [11] սարսուռի նոյն զգայութիւնները, որոնք բզիկ-բզիկ ըրած էին անոր գիշերը, անմոռանալի յուզումներու շեղբին ներքեւ։ Նետեց ջուր աչքերուն, վասնզի կը վախնար գոցուելէն, ու վանելու համար նոր յոգնութիւն մը, որ կը ծանրանար կոպերուն վրայ։ Ջուրին զովը չկրցաւ փարատել այս ճնշումը, որ աչքերուն մէջ ասղնտուք մը կ՚ըլլար, աւազի վրայ բռնուած մերկ մորթի մը նման կճելով զանոնք։ Կոտտացին բիբերը ու կ՚այրէր [12] աղէն։ Առտուն հազիւ թէ կը սկսէր։ Բայց անիկա երկննալ կ՚ուզէր։ Քաշուեցաւ աղբիւրէն։ Ու քալուածքը իրեն յայտնեց նոր բաներ, յոգնութեան խուլ ցաւ մը՝ մարմինին միւս մասերուն վրայ, որոնք գիշերը զբաղուած էին միւսներէն աւելի։ Անմիջապէս հաստատեց անիկա խորհրդաւոր թմբիրը, որմէ այնքան տառապած էր Աղուորին ծոցը, եւ որ [13] քիչիկ մըն ալ կը լայննար, կը տեղաւորուէր ծունկերուն, կոտրտած, ծանրկեկ, անուժ, ճիշդ ինչպէս [երբ] [14] նոր   կ՚ելլես ջերմէն։ Աճապարեց՝ ամօթէն կրակ կտրած, որ մէկ ոստումով չէր կրցած նետուիլ ձիուն քամակը։ Ծերունի մը, լուրջ նայեցաւ, բարեւեց ու անցաւ։ Ինչո՞ւ դողաց այդ կէս նայուածքէն։ Անգամ մը համետին վրայ տեղաւորուելէ յետոյ, փրկելու համար անորոշ բան մը, ան վազցուց կենդանին՝ բռնած ուղիղ՝ կռնակը, հզօր ու հեւահար պրկումով, առանց ճշդիւ գիտնալու, թէ որո՛ւ համար կ՚ընէր այդ խելայեղ ճիգը, անդադար կրունկներովը խթանելով կենդանիին կողերը, չտեսնելով ծերերը, կիսակոյր պառաւները, որոնք հայհոյութեան ու անէծքի տարափով մը օրհնեցին «առնանդամէն կապուելիք» ատ «քոքուրը»։ Գեղէն դուրս՝ ան չհետեւեցաւ շուք եւ ամայի ճամբուն, որմէ կ՚ախորժէր այնքան, ուրիշ առտու։ Առաւ խճուղին, ուր բազմութիւնը չի պակսիր։ Իրմէն վաղայարոյց աղջիկներ, քաղցր ու խօսուն՝ ոլորքէ ոլորք իրարու ձայն կու տային։ Առտուն կը սկսէր բացառիկ համով։

 

Մինչեւ աշխատավայրը ան չկրցաւ կեդրոնանալ։ Ճամբու պատահարներ կ՚ընդմիջէին իր մէջ ուրուագրուող այն նոր վիճակը, որուն առաջին մարձումը կ՚ընէր անիկա։ Այդ ճամբա՜ն, որ զինքը պիտի տանէր մինչեւ արիւն։ Խելօքիկ տղէն ոճրագործին այս յառնումը թէեւ դժուար, բայց յաճախադէպ՝ գեղին չափուած աւանդամոլ կենցաղին վրայ։ Շատ են այս յօրինումին ազդակները: [15] Ընդհանրապէս անակնկալ պատահարներ, ուր հայու-թուրքի դասական ճակատումը կու գար առաջին գիծի, անհաւասար ու խենթ բախում, երբեմն փոքր կռիւներ, հողի կամ տանտեղի պարունակէն, ուր դրացիին արիւնը կը թափուի դրացիին ձեռքով։ Երբեմն ալ, ինչպէս հոս է պարագան, կնիկի մը փէշերէն սկիզբ կ՚առնէ եղերական գուպարը ու տղաքը կը նետէ յիմարական գործերու։

 

Հասաւ անիկա ձիթաստանը։ Օրուան ո՛ր ժամուն, տարիին ո՛ր եղանակին ալ ըլլայ, ձիթենիներով վրանուած այս գողտր դաշտամասը կը տպաւորէ հոն դեգերողը։ Համապատկերէն թէ ուրիշ բանէ մը, վարձուոր թէ տանուտէր, կը քաղցրանան աշխատողները։ Կարծես խնամածու ձեռք մը առած ըլլայ այդ հողերէն իրենց տրտմութիւնն ու քրտինքը։ Հաստատ, բարի, մարդկային ոլորտ մը կը յօրինուի ծառերու շարքէն, յատակին ընտանի մեղմութենէն։ Կը հանգչին աչքն ու հոգին։ Ու մարդ խաղաղութեան, անկապտելի խաղաղութեան հոսումով մը կը լիանայ։ Պարապ տեղը չէ, որ ձիթենին խորհրդանշան մը դառնայ, հիներուն առօրեայ կռիւներուն իսկ մէջէն։ Գեղացին կը հաւատայ հեքիաթին ու իր կնիկը ծեծողը՝ ինչպէս անկէ ծեծ ուտողը սփոփարար խօսք կը գտնեն արդար ոստերէն։ Վերէն կը մաղուի բարիքը, օրհնութիւնը, իմաստութիւնը։ Ե՞րբ թողուց սանձը։ Կը շփէր ծունկերը։ Մա՛նաւանդ սրունքները, որոնք խուլ ցաւով մը կը կոտտային։ Չէր մտածեր չիջնալուն։ Կենդանին տարաւ ինքզինքը դէպի արմատները, որոնք նորբուս խոտերու մանեակով մը կը հիւսեն, կը քողքըւորեն իրենց ժանիքներուն պրկումը։ Փորձեց ցատկել համետէն։ Սրունքները գտաւ աւելի ծանր, ու կարծես կարկամած՝ փակած [16] չուանէ ասպանդակէն [17] ։ Հիւա՞նդ։ Չէր անիկա։ Կապեց պատահարը գիշերուան անքնութեան։ Ու նեղուած, շատ մը խորշերէ ցաւով հերկուած, լսելով յստակ կճրտում մէջքին վրայ, ողնասիւնին խորերէն, ան իջաւ գետին։ Ծունկին ծխնիները, մա՛նաւանդ կոնքերուն անկիւնակապերը լեցուն էին ասղնտուքի զգայութիւններով։ Այնքան թոյլ էր կամ թոյլ կը կարծէր [18] մարմինը, որ չկրցաւ ծռիլ, վերցնելու համար քիչ մը բացուած ձիուն սանձը ու կապելու ծառի մը ճիւղին։ Զինքը կարծես վար, հողին կը քաշէին։ Նստաւ չուզելով, բայց դիմադրելու անկարող։ Առտուան զովութիւնը կը բարեխառնուէր արեւէն, որ չկար, բայց տերեւներուն ուռկանին մէջ կը պղպջար ոսկեջուրի մը նման։ Երբեմն անոնց երիզազարդ ոստայններէն հիւսկէններ կ՚իյնային գետին, այրող հեղուկի մը պէս ու կը շարունակէին իրենց բոցը հեւալ։ Թեթեւ շաղը խոտերուն վրայ հազիւ զգալի խոնաւութիւն մը կը դիմացնէր ` հողին տալով փափկութիւն ու համբոյր։ Ան չկրցաւ տեղաւորել աչքերը, հետեւելու համար գետնի [19] միւս, [20] բազմատեսակ համերուն։ Ոտքերը երկնցան ինքնաբերաբար։ Ուրուացաւ Աղուորին կերպարանքը, բայց չեղաւ։ Դադրեցաւ հողը անոր ներք[եւ] [21] ։ Գլուխը իջաւ իր ափին։ Կռնակը կոճին էր։ Փակուեցան թարթիչները, անդիմադրելի ու խեղճ, կարծես մէյ - մէկ լեռներ նստէին վրանին…

 

Արթնցաւ, կուշտին ոտքի մը հարուածով։

 

Ուստիանն էր, մարզին պահակը, գեղին անուանի կատակախօսը, որ Նալպանտենց ձին բռներ բերեր [22] էր լճի ափէն, քշուած հոն կզակներուն կարկինովը, խոտի ի խնդիր։ Ջուրի կորդերուն եզերքն ի վար բացառիկ թաւութիւններ կը բուսնին խոտի ու կը թաւշանան ու կը գորգեն առուակներուն եզրագիծերը։

 

-- Ի՞նչ պառկեր ես, ծօ՛, առտու կանուխ։

 

Շփեց աչքերը, երազ մը ճմռկելու պէս տարուած ու դժբախտ։ Յետոյ նայեցաւ։ Պի՛նդ, հետզհետէ հարցական ու ի վերջոյ վախկոտ։

 

-- Նոր փեսանե՛րը կը քնանան ատանկ, - աւելցուց պահակը, հեգնութեան յայտնի պտղունցով։ Սարսափելի էր Սողոմին համար հսկայ պահակին այս անմիտ սրախօսութիւնը, անմեղ ալ անշուշտ։ Կարծես դոյլ մը կրակ թափէին գլխուն, այնքան բռնկեցան իր քիչ առաջ գունաթափ այտերը։

 

-- Ո՞ւր էիր գիշերը։

 

Պահակին հարցումը կը հպատակէր ներքին ճշմարտութիւններու։ Անիկա փորձառութիւն ունէր «ճերմակ գիշեր»ներէն։ Հայ գեղին մէջ բարքերը ամուր էին բաւական։ Ու չէր կրնար առաջ երթալ Սողոմին պէս «գլուխ չկապած» տղայ մը վարի թուրք գեղը ղրկելու, պոռնիկներուն դուռը ափ առնելու չափ սիրտ ճարած։ Ու իր հեգնութիւնը արիւնեց։

 

Սողոմը ցատկեց ոտքի։ Վտանգուած անասունի մը նման ան մէկէն սուզուեցաւ իր բնազդներուն խորը։ Կը պաշտպանէ՞ր ինքզինքը։ Բայց կը նմանէր մէկու մը, որ բաց դուռ մը կը գոցէր։ Ապահով ու ատով քիչ մը հեշտ զգայութիւն մը տարտղնեց իր սարսափին կծկումները երեսէն։ Նոյն ատեն անիկա տէր [23] կը դառնար իր միսերուն։ Ցաւ չունէր։ Բայց այրումի [24] կսկծանք մը, ջուրոտ ու աղի, [25] կը շարունակէր բաբախել մարմինին մէկ քանի խորշերէն։ Յետոյ, միշտ առանց բառի, գրեթէ քիչ մը ապուշ, այնքան ուղեղէն արիւնը պարպուած ըլլալու էր դէպի սիրտը վախուն, նայեցաւ ձիուն, որուն սանձը վրան, բայց կը պակսէր չուանը։

 

-- Հըւա՞նդ ես, - հարցուց կրկին պահակը ` զարմացած անոր թմբիրէն, մա՛նաւանդ պարպուած երեսին դեղնութենէն։

 

-- Չէ՛, - կրցաւ ըսել։ Բայց ուրախ՝ որ կը խօսէր։

 

-- Շատո՞նց է հոս ես, - աւելցուց անիկա աճապարոտ, ու անձկահար։ Իր դէմն էր, գլխաւոր գիծերուն մէջ կանգուն, հոյակապ երազը, ու անոր կոկորդին մէջ դեռ կը թրթռային, խուլ արձագանգով՝ բառերը, որոնք զրուցած էր Աղուորին կուրծքին։ Անոր քունը հազար անգամ աւելի գեղեցիկ էր, քան գիշերը։ Ու անոնք խօսա՜ծ էին։ Ու կը սարսափէր երազին պատգամներէն, յայտնութիւններէն։

 

-- Հայր-մեր մը չկայ [26]...

 

Խաղաղ էին պահակին բառերը, հեգնութիւնը հալած։ Անիկա կը դառնար ամէնօրեայ իր պատկերին։

 

-- Ո՞ւր գտար։

 

-- Աշխըրքին մոլ ը [27] կերեր է։

 

Ուրիշին հողին մէջ բռնուած կենդանին տուգանքի դուռ կը բանար։ Տուժողները միշտ մշակները կ՚ըլլան։

 

-- Ա՜յ տիրուդ սատկածը…

 

Չկրցաւ ամբողջացնել պատկերալից հայհոյութիւնը, որ մինչեւ գերեզմանները կ՚իջնէր ու կը հանէր աղուոր մեռելը…

 

-- Հէ՜յ տղայ, սատկածին մեղքն ի՞նչ է։ Ըսէ՛ ողջին, ըսէ՛ ողջին…

 

Կեցաւ ու քաղցր չարութեամբ մը խփեց աչքերը։

 

-- Անո՛ւշ ըլլայ…

 

Ժպիտ, լորձունք, ափերու լզում եւ շատ թանձր բառեր եկան աւարտելու այս սրամտութիւնը, որ տարօրինակ իրապաշտութեամբ մը կ՚ամփոփէր Նալպանտենց Աղուորին ասպարէզը, հանրածանօթ հանելուկը, առանց վերջին դրուագին։

 

Հի՜ն չուան կտրտող, զգլխիչ գեղեցկութեամբ, բայց կամքի տեղ կուրծքին տակը փտած սպունգ մը կրող՝ պահա՛կը, գեղին համով «արարած»ներէն մէկը կը նկատուէր, ու ասիկա՝ արդարացի։ Իր երիտասարդութեանը թուրք գեղերուն մէջ իր առնութեան «չափն ու կանգունը» խօսեցուցած, ապրեր էր անհոգ ու հեշտախոյզ։ Հալեցուցած էր պապենական արտերն ու ձիթաստանները բարակուկ թրքուհիներու սիրուն։ Հիմա անվճար քարոզիչն էր սեռային հարցին ու քերականութեան։ Տրամաբանող, ընդհանրացնող, իր ճանչցած կնիկներուն վրայէն ան կը շինէր միւսները, գեղինները։ Ու անոր բերնէն վար չէին իյնար ամէնէն «համով» կնիկները` սկսելով աղաներուն մուշտակովներէն մինչեւ համեստ յարկերու գեղանի շուշանները, որոնք հարսնութեան յաջորդ տարիներուն հրաշքի պէս կը բացուին ու իրենց խռովքը կը տարածեն շրջապատին։ Անոնք ոչինչ պիտի գիտնան այս ամէնէն։ Մեղք չունին, չեն կրնար ունենալ՝ մինչեւ որ չմիջամտէ ճակատագիրը, հազարէն, տասը հազարէն մէկը։ Բայց նիւթ կը դառնան Ուստիաններու բանահիւսութեան, որ ճիշդ ըլլալուն չափ համով ալ է։ Անիկա մասնագէտ էր ամուլներուն, որոնց «պումպարէք» մարմինը, իւրայատուկ բոյրն ու աներեւոյթ հոսումները կը թանձրացնէր անիկա, տարփունակ ու համով բառերով, համահասակ առանձնացումներու պահելով, պատմելով անկուշտ, անխոնջ, խեր մը ընողի ձրի պերճախօսութեամբը։ Նալպանտենց «հարսնուկը» օտար մը չէր Ուստիանին։ Պահակը՝ դրացի ու եօթը պորտի մօտ ալ ազգական, բերելով թելը ո՛ր հօրքուրէն: [28] Մտած-ելած էր անոնց տունը։ Աղուորին հարսնիքին ձի խաղցուցած ու քէօչէկ ալ խաղցած: [29] Փարչով գինի էր թափած քիթին ու բերնին։ Կը յիշէ պզտիկ կնկուկը, որուն մօտ հիմակուան թառլան կնիկը Մարիամմայր [30] մը կը սեպուէր։ Հէ՜յ։ Աշխարհքի բանն է։ Ան կոխկռտուած էր զաւակներէն, որոնք դադար չէին տուած իրեն։ Կ՚ըսէր ու կ՚ըսէր ու չէր կշտանար, թէ ինչպէ՞ս միննէթ ի էր գացեր Աղուորին ոտքին, որպէսզի բարեխօսէ Սերոբ աղային մօտ։ Անիկա հոտուըտալով կը պատմէր անցեալը եւ կը փայփայէր զգայութիւնները, որոնք կը պահէին իրենց թարմ հովը։ Որոնք կը զատէին Աղուորին շունչը, երեսին ճառագայթումը հազարներու մէջէն։ Ան մաս կը ճարէր ամէն բանէ ` լրացնելու համար ամուլ հարսնուկին գրեթէ չարագուշակ խորհուրդը, որ գեղին ապրանքը եղած էր քանի տարիէ ի վեր։ Հէ՜յ։ Աշխարհքի բանն է։ Տասը տարի առաջ ինք ալ մարդ էր ու թրքուհիները գիտէին ատիկա, երբ անոր գիշերները կը վարձէին ո՛րը ձեռք մը զգեստով, ո՛րը դանակով, ո՛րն ալ դարապլուս գօտիով։ Տասը տարի էր ամուսնանալը։ Ու տասը տղայ կ՚աճէին անոր աչք մը տունին մէջ։ Թագաւորի ուժ պէտք էր անոնց ակռաներուն աղօնք ճարելու համար։ Մեղքցեր, դրեր էին զինքը պահակութեան պաշտօնին, որ գոհացում կու տար անոր արկածասէր բնազդներուն, ինչպէս անզսպանակ կզակներուն։

 

-- Զօրքին մեռնիմ…

 

Խաչն ալ կը ձեւէր կուրծքին, Աստուածամօր յատկացուած այս բանաձեւը պատշաճեցնելով Նալպանտենց Աղուորին, որ յարգած էր իր խնդրանքը ու խօսած էրկանը այս գործը հայթայթելու իրեն։ Ու կը պատկերէր տարազին մէջ ամենահաս զօրութիւնը Աղուորին, բոլոր աղուորներուն։ Աստուած հարկաւ առանց հաշիւի չէր, որ անոնց աչուըներուն մէջ այնքան պուկի թափած էր, ու անոնց մորթին վրայ այնքան «սպունգ մաշեցուցած»։ Գաղափարներու այս գիծով երախտաւորեալ Ուստիանը հարցուց աղային ալ վրայ ու տարօրինակ էր, որ նոյն շունչով տրուած [31] բառերուն այն մասը, որ կը վերաբերէր Սերոբին, ըլլար ցամաք, հեգնող ու անգութ։ Գիտէր, որ քաղաքն էր։ Ու փողոցի տղան ալ իրեն հետ գիտէր ինչո՞ւն։

 

-- Պոշ է, պո՛շ

 

Կը խնդար անիկա։ Բացուելու, քաշելու, քաշքշելու մեծկակ պահանջ մը, կարօտ մը անհանգիստ կ՚ընէր անոր դէմքը։ Ուրիշ անգամներ տղուն դարպասը, ունեցած պուտիկ մը պատկերները կու գային աւելնալու Ուստիանին փորձառութեանց։ Ան սպասեց, որ Սողոմը դիմաւորէ իր տրամադրութիւնը։ Տղան մնաց լուռ։ Զգաց ատիկա ուրիշներուն դէմքերը կարդալու վարժ պահակը։ Ու փոխելու համար խօսքին դարձուածքը, հեռուներէն պտոյտ մը փորձեց ու հարցուց Սողոմին հարսնիքին, հաւանական թուականին ու օժիտին վրայ։ Ընդունածը տժգոյն բառ մըն էր, անիմաստ թիւ մը, անակնկալ՝ այդ տղոցը բերնին մէջ։ Անոնք այդ հարցումին համար միշտ երջանիկ էին եւ կը պատասխանէին թուքերնին կուլ տալով։

 

-- Երկու տարին ի՞նչ է որ։ Աչքդ բաց ու գոցէ։

 

Հո՞ն էր տղան։ Կը լսէ՞ր։

 

-- Կու գայ, տղա՛ս, կու գայ։ Դուն ալ համը կ՚առնես…

 

Ան կը շարունակէր խնդալ բարի ու չար իր խնդուածքը։

 

Խաւ ին [32]  հոտը սենեակի, տունի, աւելի պարզը՝ անկողինի համ մը ծաղկեցուց կարծես հինաւուրց ձիթաստանին գոգը։ Ու առանց որ գիտնային, թէ ինչպէ՛ս պատահեցաւ ատիկա, մէջտեղը դրուած էր Նալպանտենց հարսը։ Ու վաւերական զգայութիւններէ մեկնող անոր երեւակայութիւնը հեղինակաւոր պատկերներ գործածեց՝ արտայայտելու համար անոր հոտն ու հրապոյրը։ Արդար, միւռոնոտ բառերով անիկա գովեց անոր այտերը, որոնք շինած էր Ամենակալը ախեխ ն [33] ու կաթը իրարու շաղուելով։ Ու անիկա տուաւ թափանցկութիւնը անոր մորթին, որ փորին վրայ լուս կու տար մէկ կողմէն մէկալը ։ Ըրաւ անոր ստինքները մաքուր, ժամու «նշխարքին» չափ։ Ու օծութիւն ու միւռոն էին բառերը, որոնք հաւանական [34] շրթներուն դողն ու կրակը կը պատմէին անոր ծոցին մէջ։ Ու «հալող կարագ» էր անոր դունչը։ Ու «պուղուն» (շոգիի [35] ) ելած մեղր՝ անոր շունչը։ Ու տասներկու ժամուան գերութի՜ւն՝ անոր նայուածքը…։ Սողոմը մտիկ կ՚ընէր, տարուած անասելի սարսուռէ, աչքերը ամրապէս կուղպ, վախնալով իր գաղտնիքէն, որ կրնար թափել «հոգիին այդ պատուհանէն»։

 

-Վա՜խ արեւնակիս, - աւելցուց Ուստիանը ու քիթը շփեց ` բանալու համար ռունգերը, որոնք երդումի [36] հաւաստիքով, հազարներու մէջէն, Աղուորին հոտը կ՚առնէին ու կը զատէին մինչեւ լիճին ափը, ժամով հեռու գեղէն, երբ հովը վերէն, տուներէն փչէր ու քշէր վար կիներուն հոտերը…

 

-- Տամ չուխաս, ձգէ վրան։

 

Բառերուն ետեւէն անիկա շրթունքները, յետոյ պեխերը կը լզէր ինչպէս մռլոյ [37]   կատու մը։ Ու կը խնդային մինչեւ բիբերը անոր աչքերը, [38] բարի, աննախանձ ժպիտը շատախօսին։

 

-- Խենթ ես դուն, Ուստիան աբար։

 

-- Խենթին կոտոշովը՝ դո՛ւն, տղաս։

 

Կը լրջանար ու կը նայէր քովնտի` իր սրամտութեան անարժան համարելով համբակ երիտասարդը ու կը շարունակէր.

 

-- Դո՛ւն ինչ [39] խապար ունիս աշխըրհքէն։

 

Մարդեր կան, որոնց հայհոյանքն անգամ անկշիռ կ՚անցնի։ Ատոնցմէ էր Ուստիանը։ Անոր կատակները, մա՛նաւանդ մասնագիտական յեղումները, թուրք կիներու անկողինէն, փնտռել կու տային իր ներկայութիւնը, խմիչքի ու բացօթեայ ճաշերուն, ուր այրերը, ազատ՝ կիներով պարտադրուած «առ»էն, կը դառնան իրենց անասնութեան։ Անոր գնահատումները չէին վիրաւորեր խմիչքի ընկերները։ Մնաց որ, արգահատող, բայց կատակախառն դատումները ներելի են տարեցներուն, որոնք պատանիներուն մօտ կը սիրեն հով տալ իրենց, պեխ ոլորելով ու դունչ շոյելով, անգոյ մօրուքին հեղինակութիւնը ոգեկոչելով, երբ կը խօսին սեռային գետինէն ու լուրջ, խորունկ, հաճոյական են նոյն իսկ վայ-բերան ու վրան-բաց կատակներէ յետոյ։ Անոնք հեշտանքն ունին իրենց փորձառութեան տակ խղդելու նորբուս տղոց նայուածքը, որ չի դիմանար ու կը խոնարհի։ Այսպէս է օրէնքը։ Ամօթխածութի՞ւն, հեշտախոյզ ինքնացո՞ւմ։ Մեծերը շատ չեն փնտռեր։ Բայց Սողոմը չամչցաւ ամէն անգամուան նման։ Ո՛չ միայն չծռեց գլուխը, այլեւ կը փորձուէր պատասխանել, բայց կը վարանէր։ Յետոյ նեղուեցաւ հակամարտ ճնշումներէ եւ կը տառապէր չունենալուն համար հարազատ բացատրութիւնը, որով բերնին չափը պիտի տար սա պարծենկոտ «ծերուկին»։ Երեսունը անց ամէն երիտասարդ, որուն կռնակը գօտեմարտութեան վայրը եկած է գետին, մատաղատի ըմբիշէ մը, գեղին դատաստանին մէջ սկսող ծերութիւն մըն է։ Անիկա պէտք է նպաստ փնտռէ դանակէն եւ գնդակէն։ Իսկ աղքատութի՞ւնը։ Իսկ հացին ա՞հը, որոնք մարդը միշտ ու միշտ [40] ծեր կը կեցնեն։

 

-Տար տուն, ձգէ վրան։

 

-Ի՞նչը, Ուստիան աբար։

 

-Չուխա՛ս, տղայ, չուխաս։

 

Խնդացին։

 

-Ինն ամիսէն խաթունդ տղայ մը չբերէ նէ՝ ինծի ա՛լ Ուստիան չըսեն։

 

Այս պատկերաւոր ասութիւնը տեսակ մը ինքնագով ու զուարթ բերնով, պեխը աջ ու ձախ ոլորելէն, բայց, ի վերջոյ, տրտմօրէն բեկեալ շեշտով մը կ՚արտասանէին բոլոր անոնք, որոնց կիները, «օրհնուած» արգանդով, ծոցուոր կը մնային Աստըծոյ տարին, բայց չէին աւելնար մէրանցը տունէն, այսինքն՝ իրարու ետեւէ հասնող տղոց արտ ու այգի, ծառ ու խոզակ չէին բերեր, որովհետեւ անոնց ծերացած մայրը կամ հայրը կը յամառէին «ոտքերնին չտնկել», քիչ մը ժառանգ փութացնելու համար ֆիլի պէս բերաններէ պաշարուած ամուսինին։ 7-8 տղայ անոնք երեսունը չանցած շարած կ՚ըլլային սանդուխի աչքերուն ու կ՚ընկճուէին առանց խորապէս դժգոհ իյնալու։ Հաւատքը տղոց ծնունդին, ու ասոր կապուած բախտին՝ հասարակաց է եւ հզօր, թէեւ չ՚երեւար՝ ինչպէս բախտին ճակատագիրն է միշտ, բայց կը հակակշռէ նոր նեղութիւնները։ Ասկէ զատ՝ անոնք մէկ կ՚ուտեն ու հարիւր փառք կու տան։ Վասնզի չոր հացի դատապարտուիլը, շաբաթներով փոխ-հացով [41] ապրելուն ծայրագոյն ամօթը, ձիւնին ու բուքին տղաքը բոպիկ փողոցները թափելը հազար անգամ աւելի կ՚արժեն, քան «Աստուած հեռուն ընէ» մուշտակաւոր տունը բոլոր Նալպանտներուն։

 

-- Էրած սրտի մխիթարա՜նք։

 

Ինքը՝ Ուստիանն էր վրայ բերողը` հեգնելով առածը, որուն տարողութիւնը չէր ըմբռներ։ Չէր ըմբռներ անիկա դարձեալ ամուլ արգանդը։ Տղով առատ բոլոր այրերուն համար շօշափելի իմաստ չունին ամուլ արգանդները։

 

-- Ի՞նչ ըսել է…. կնիկ ըլլալ տէ….

 

Խոշոր, ժպիտի մէջ խղդուող [42] հազով մը կը ծածկէր պատկերին մնացած մասը, քանի անգամ արտայայտուած հաստ անպատկառութեամբ մը, որ տղոցը մինչեւ ականջները կը ջրոտէր ու սուղի կը նստէր անոնց։ Յետոյ, անիկա երկու թիզ բանալով խոշոր իր բերանը երկու ափերուն մէջ թացիկ «թո՛ւ» մը թքնելով՝ կ՚աւելցնէր.

 

-- Էռէջ Աստուած. գիշերուկ մը, էւէլ չէ, մէկ, մէկ գիշեր…

 

Կը ծանրանար, հայր կը դառնար մտքով ու կը նստէր ինքն իր վրայ նման հնդկահաւին, որ կը հաւաքուի իր ուռ[ու]եցքէն [43] ։

 

Ու ասիկա, ամէն անգամ, որ մարզի զանազան կէտերուն, հանդիպէր երիտասարդին։

 

Մինչեւ երէկ, Սողոմը անուշիկ, խելօքիկ ականջ կ՚երկնցնէր բոլոր Ուստիաններուն, երբ անոնք պատգամէին այդ գետինէն։ Պատգամէին մա՛նաւանդ Նալպանտենց Աղուորէն, որ առաջին կնիկն էր անոր պատանութիւնը ջերմ երազով մը պարուրող։ Եթէ սեռային հարցը անորոշ, ընդհանուր մղում մըն է հասունցած արուին մօտ, որ կը ցանկայ բոլոր կիները ով գիտէ ի՛նչ առհաւական բնազդներով, պատանիին համար անիկա մասնաւոր, որոշ խռովք մըն է, զոր ան կը զետեղէ անպայման որոշ դէմքի մը վրայ։ Ասկէ զատ, ոչինչ այնքան ծփուն, անվաւեր, բայց նոյնքան խոր է, որքան արբունքին յաջորդող քանի մը տարիներու բուսական կենցաղը պատանիներուն մօտ։ Յստակ դէմքի մը շուրջ հոգեկան այս ոստայնացումը ունի պատճառներ։ Հակառակ նշանուած ըլլալուն, բնազդաբար, անոնք իր անգոյ արժէքին կը տանին տասնամեայ կամ երկոտասանամեայ աղջնակը, որ բառ մըն է միայն եւ ոչինչ կ՚ըսէ անոնց ջիղերուն։ Ու հասկնալի է, որ խորանան հասուններուն դաշտերէն։ Անոնց համար սեռային գետինը անորակելի անդունդ մըն է, զոր կ՚ընդզգան իր տաք ու լուսաւոր մռայլութեամբ։ Որմէ կը զարհուրին։ Բայց ուր կ՚ուղղուին՝ կեանքին՝ իրենց շատ սեղմուած, շատ խտացած կեանքին բոլոր զառիթափերէն, ամէն կածանէ ու ամէն ջուրէ, հրուած իրենց ուսերէն, շլմորուն ու թշուառ, [44] երբեմն խե՜նթ՝ մտնելու համար անկողինը իրենց մեծերու կիներուն։ Շատ քիչեր պիտի ճանչնան պատանիներուն մեղքը։ Հազարէն մէկը՝ կինը։ Ու պիտի տարուին, բաւարարուին, հաճոյանան, մեծերուն պատմումներով։ Անիկա կը խմէր, մինչեւ երէկ, քիթով, բերնով, նոյնիսկ մազերուն լեզուովը, ինչ որ ըսուէր իր խաթունին վրայ։ Ու անոր խաթունը ամբողջական, փառաւոր քերթուած մըն էր, դիւցազներգութիւն մը գրեթէ, շքեղ դրուագներով։ Բժիշկներ իրենց հաստատ, բայց միջինին չհասած վճիռներովը։ Կախարդներ, որոնք ձառադէմ կամ շնորհալի, անոր անձը պատմելու ատեն ոգիներուն պաշտպանութիւնը կը հայցէին լսողներուն։ Տան ծառաներ, վռնտուած՝ անոր աչքին իյնալու իրենց ահաւոր կարօտէն։ Կարգուկ դրացի երիտասարդները՝ որոնք անոր պարտէզին մէջ լաթ փռելը վայելելու համար գործի չէին իջած։ Ուստիաններ եւ քառսուննոց քերթողներ, որոնք անոր համն ու համբոյրը պատմել գիտէին։ Ու այս բոլորը իրարու խառնուած՝ շինելու համար հազուադէպ իրողութիւնը, կեդրոն ունենալով հոյաշէն, բայց ամուլ կինը Նալպանտենց Սերոբին, որուն պատանութեան իգութիւնն ալ կ՚աւելնար պատկերին, մեծցուած ու զարդարուած, զայն ունեցողներուն բերանէն։

 

-- Քու տեղդ ըլլամ, վալլա՛հ-պիլլահ

 

Հարիւր անգամ, հազար անգամ երեսին նետուա՛ծ այս նախադասութիւնը, քանի՜ տեսակ բերաններէ։ Որ կ՚ուտէր անոր ներքին հպարտութիւնը, դառն վէրքի մը պէս ու կ՚ընէր զինքը փոխն ի փոխ երկիւղած, խեղճ, կատաղի, յանդուգն։ Որ գիշերները զինքը կը հանէր իր խուցէն ու կը հրէր պատերուն տակը, մութը գրկողի յիմար սպասումովը, օճախով սենեակին մէջ։ Որ հացը կոկորդին մէջ չկլլուած, կէս կը ձգէր ու ձեռքէն արձակել կու տար դգալը։ Ան ի՜նչ տառապանք չէր հանդուրժած իր պարտուելուն համակերպելով միշտ։

 

-- Քու տեղդ ըլլամ….

 

Առաջին անգամն էր, որ գլուխը [45] չկախեց։ Այսօր վիրաւորանք չունեցաւ անիկա։ Հակառակը պոռալու, սա յիմարին գլխուն ծով մը հաճոյք պատմելու տղայական խանդ մը ուռեցուց անոր կոկորդը։ Բայց բառերը չելան։ Չելան ու անոնց տեղը անոր ուղեղին մէջ արթնցաւ յանկարծական, ուրիշ, հիմնովին հակադիր մտածում մը։ Կատակ, ակնարկութիւն դիւր չէին հնչեր անոր ականջներուն։ Հաստատեց աւելին ալ։ Կը նեղէին զինքը։ Յետոյ զգաց, որ կը տառապէր։ Ու իր ցաւը ընտանի, տունի, արիւնի ցաւի մը կը նմանէր։ Ատիկա կը պատահէր իրեն, երբ կռիւներու ընթացքին կիները իրար կը նախատեն, անհնարին մեղքեր ճարելով՝ իրարու ճիտէն կախած ատեննին։ Խորացուց զգայութիւնը ու գտաւ աղբիւրը։ Ան չէր ուզեր, որ Աղուորին անունը ատանկ դրուէր հրապարակ, թռցուէր օդին, մինչեւ ամպերը նոյնիսկ, ամբարիշտ բերաններու լորձունքին ենթակայ։ Կարծես թէ իր քոյրը, մայրը ըլլար, [46] բռնուած այդպէս ամէնուն հասողութեանը։ Ինչո՞ւ չմտածեց իր կնոջը ։ Հետզհետէ իր գիծերը եղան սեղմ, բառերը՝ քիչ կծկուն ու խածան։ Աչքերը փախան դէպի ներսերը, խօսողին հասողութենէն բոլորովին հեռու, ձանձրոյթով մը ծանրացնելով անոր տառապած արտայայտութիւնը։ Ու գրուեցաւ [47] լուռ փափաքը, որքան լաւ [48]  կ՚ըլլար եթէ կորսուէր գործին սա շատզրուց պարծենկոտը։

 

-- Դուն բան ունիս ասօր…

 

Պատասխանի տեղ, Սողոմ ուզեց չուանը։ Վճռած էր կարճ կապել։ Ուստիանը վիրաւորուեցաւ։ Պատմող կամ գրող նոյնքան սնապարծ են։ Յանձնեց խնդրուածը, տուգանքը «պաշխելով» Նալպանտենց Սերոբ աղային, դուն հասկցիր անոր կնկանը էշղին [49], բայց պահանջեց վաղուան համար եղը շատկեկ ձուազեղ մը։ Աղուորին մատին «համը» վրան։

 

Ուստիանին հեռացումէն յետոյ, եղաւ տարտամ լռութիւն։ Բացերէն ձայնի կտորները [50] մենք կը տեսնենք, երբ պէտք ունենանք։ Սողոմին դիւր եկաւ այս խաղաղութիւնը։ Իրեն այնպէս կը թուէր, թէ աւելի լայն կ՚առնէր շունչ։ Յետոյ խորհեցաւ պատճառին, որ զինքը երկու է [51] բռնուած կ՚ընէր օտարին առջեւ։ Մե՞ղք։ Խղճահարո՞ւմ։ Ամօ՞թ։ Աւելի ցած՝ վա՞խ։ Որոշ չէին ասոնք, բայց կը միջամտէին թերեւս շինելու համար այն տարտամ բզզիւնը, որ մեր ոսկորներուն ձայնն է գուցէ, երբ մենէ դուրս կ՚ուզէ գալ, այնքան մօտ ու այնքան հեռու նոյն ատեն։ Զոր կը լսենք յստակ, երբ գոռումն ու գոչումը արդէն առած կ՚ըլլան մեզ։ Կը զգար այդ վզզիւնին պուտ-պուտ ամբառնալը, մարմինին խորերէն, կայլակ-կայլակ հաւաքուելով, բայց չկրնալով դուրս հեղուիլ։ Յետոյ հաստատեց պարտադիր կապը, որ այդ զգայութիւններուն բոլորին մէջէն ալ կ՚անցնէր ու կ՚ըլլար ընդարձակ պատկեր մը, ամէն վայրկեան գոյ, բայց ուրուային։ Հակառակ իր ջանքին՝ չէր կրնար ինքզինքը ազա[տա]գրել [52] այդ սոսնձումէն։ Կը նայէր դէմը, երազկոտ, մտամոլոր։ Վերցուա՛ծ՝ անգայտ բանէ, որ անուն չունէր, բայց զօրաւոր էր բաւական իրեն ներշնչելու չափ թեթեւացման հով մը, վստահութիւն մը։ Բայց՝ պայծառ, չսրբ ու ելու չափ ցերեկուան լոյսէն։ Այսպէս կը պատահէ՞ր բոլոր կարգուողներուն։ Իր հարցումը պատասխան չունեցաւ, վասնզի ամօթի բարկ ջերմութիւն մը, չըսելու համար կրակ մը դպաւ ճակատին ու գնաց։ Ճակատէ՞ն կ՚ամչնանք։ Իր մենաւորութիւնը ճնշեց։ Որո՞ւ կրնար բացուիլ։ Աչքերը սեւցուցին իր շրջապատը, որպէս թէ գիշեր իյնար մէկէն ի մէկ։ Չիյնալու համար նստաւ գետին, կամացուկ։ Նորէ՞ն քուն։ Կը վախնար վրան դիզուող թմբիրէն, որ ձող-ձող ոսկոր կ՚երկարէր իր ունեցածներուն քով եւ կ՚ընէր զինքը տակառի մը պէս ծանր։ Կը վախնար աւելի շատ լոյսէն, որ կարծես արտաքին ու տեսանելի կ՚ընէր ամէն ինչ, որ կը գծագրուէր իր ներսը։ Ազատելու համար այս անձկութենէն, հայհոյեց, բարձրաձայն ու լիրբ։ Ան կը սկսէր նոր տղու մը մարզանքին։ Ոտք ելաւ կրկին։ Շարժումն ու ձայնը խանգարեցին թելերը, որոնց պլլուած՝ մտապատկերը կը ջանար կազմուիլ։ Ի՞նչն էր զինքը վախցնողը, զզուանքի մղողը։ Չկրցաւ ճշդել։ Կապեց ձին, որուն իւղոտ մազերէն իր ափը սահեցաւ անբաւ սարսուռով։ Ի՞նչ կը տեսնէր։ Մտապատկերը հրեց ինքզինքը դէպի կեդրոնը անոր ուղեղին։ Ուրուացածը կինն էր, բայց առանց շրջագիծի, առանց դէմքի խիստ հէնքին, մասերուն խուլ, հրդեհող կենդանութեամբը։ Վարի ճամբէն սայլորդ մը ճիշդ ատենին ձայնեց, իր անունին իրականութեան դարձնելով գրեթէ զգայախաբ երիտասարդը։ Չպատասխանեց սակայն։ Սայլը հեռացաւ, բայց ճռինչը դեռ կը դողդղար, կարծես կտրտելով մեծ ապակին, որ միջոցն էր գլխուն վերեւ։ Առաւ տոպրակը հացին։ Մտածեց, որ դեռ չէր ելած առտուան սահմաններէն իսկ։ Ուտել կ՚ուզէր ու սիրտը հեռու էր ուտելիքէն։ Բրիչը թեթեւ ցոլք մը արձակեց ` առնելով զայն փախստեայ ճառագայթէ մը։ Բրի՞չ։ Գո՞րծ։ Վրան խուժեցին խումբ մը դառն պատկերներ։ Ի՜րն էր ջուրին հերթը։ Ի՜նք ծառայ։ Վերադարձաւ օրուան իրականութեան, կատարուելիք աշխատանքին։ Մեկնելէ առաջ դէպի ջուրին մեծ պէնտը՝ թօթուեց իր մարմինը ու նայեցաւ չորս դին։

 

*    *    *

Որչա՞փ ատեն։

 

Ահա ձիթաստանը, արեւին մէջ սուզուած իր անընդմէջ կամարներէն, քսան մը կանգուն վերերէն շինելով հսկայական տանիք մը -- ուղիղ, աւելի շիտակը՝ ուղղաբարձ, մերկ ու մամռազօծ ճ իւղերու վրայ թեւատարած, բազկատարած։ Ոչ մէկ վէտվէտում։ Պահն է [53], երբ հովերուն բերանները տարուած են արեւին բաժակին։ Տեսակ մը խաղաղութիւն։ Տունի վիճակ, տեսակ մը առանձնութիւն (որ առագաստի սենեակներունը կ՚ըլլայ), հպարտ, քաղցր։ Ու մարդկայի՜նը, որ կը բխէր ամէն տերեւէ եւ կ՚ըլլար իրաւ։ Ու կը պարուրուէին ճամբաները անոր սրտին, անտիպ ու անանուն հպումներով, տարօրինակ կերպով մօտ անոնց, որոնք դեռ կը դողային, կը քսքսէին իր հոգիին երեսին, Աղուորին մազերէն, յիշատակի տեղ՝ զգայութիւն [54] ըլլալով։ Յետոյ, այդ ճամբով, դարձան իրեն ուրիշ զգայութիւններ, սանկ բանուած [55], բանտուած՝ խորը իր ուղեղին, մենութեան ուրիշ պահերէ, պատկերներ՝ որոնք ինքնաբերաբար կը ներկայանան մեզի, բայց վաւերատիպ, պատրելու չափ մեր հակակշիռը։ Գուցէ պատահած ըլլայ ձեզի [56] այս վարանումը դրուածին [57] եւ անցածին մէջտեղը։ Ո՞ւր էր սակայն սա տարբեր, գրեթէ կրօնական հիւսքը՝ ժամանակին ապրշումէն, հիմա ալ մետաքս, անցեալէն ալ մետաքս, որ կը թաւշանայ մեր ներսը ու այդպէս կը յանձնուի մեր անդրագոյն զգայնութեան, անո՛ր՝ որ մեր եսը կը յօրինէ, ըսել կ՚ուզեմ՝ մեր հոգիին բջիջը, կենսահիւթը։ Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս խորհեցաւ Ծաղկազարդին։ Ու ահա պատմական շարականը՝

Ծերքն ոստովք ձիթենեօք

 

զոր կ՚երգէր անիկա ատենին, սրտառուչ մաքրութեամբ, հաւատալով եկողին խորունկ աստուածութեան, ամբողջ գեղին խուժ ու խուլ կսկիծն ու տաղտապումը խողովակած իր կոկորդէն, ամբողջ ժամը ողողելով յստակ, անակն [58], տրտում զգայնութեամբ [59] մը, որուն ամէն մէկ ծուէնը կ՚երթար կրկնուիլ, խորանալ, երկնաւորուիլ հազարներու սրտին մէջ։ Այն ատեն ալ անիկա սէր էր կրկին, անիկա բխում մըն էր դէպի տարածութիւնը շատրուանուող։ Ներկային մէջ մնալ կրնալու դժուարութի՞ւնն է, որ մեզ շարունակ կը նետէ անցեալին ջուրերուն։ Ինչո՞ւ կը յամառէր երգին ոլորքը շրթներուն կաղապարին ու, մա՛նաւանդ՝ սրտին դուռներուն։ Անիրաւ չեն անոնք, Արեւելքի մէջ, որոնք սէրը կ՚անուանեն տեսանելի երեսը երկինքին ։ Ու հոսեցաւ երգը, մէկ կտոր, խունկով, խոնաւ տրտմութեամբ, քիչ մըն ալ լացով շրջանակուած պատկերի մը նման ու նման թաղման պատկերին, զոր անոր տիրացուի բազուկները տարած էին թափօրին առջեւէն, [60] Աւագ Ուրբաթի ժամուն, մարդոց խուլ եւ եռուն կիրքերուն ափափումէն հազիւ պատսպարել յաջողելով նկարին քրտնած մարմինը։ Ու էր անիկա, երգը, սա արեւին, նոյնքան քաղցր, նոյնքան խուլ ու ցաւոտ, որքան Ծառզարդարի առտուն, երբ եկեղեցին կ՚ազատէր Մեծ պահքին խոնաւ սեւերէն, գոց պատարագին շղթայուած գերութենէն ու հսկումի արարողութեանց այնքան կպչուն, այնքան ճնշող փաղաղումէն ու կը բացուէր, ոսկի եւ արծաթ, մեռնելու գրուած [61] աղուոր դէմքի մը դեղձան տրտմութեամբը։ Ու իբր ժամ մը ժողովուրդին արտաբխումը կը ծառանար ու կ՚ալեհոսէր դէպի ձեղունները եւ կա[ր]մարները [62] ։ Նայեցաւ անճօճ ծառերուն, որոնցմէ ոմանք մոմի պէս եղկ կերոններ   ճիւղեր ալ կը շարէին…։ Ինք կը զգար սակայն անկարելի քաղցրութիւնը իր ձայնին, որ ծառերն անգամ սարսուռի կը տանէր, ծերուկի մը վկայութեամբը, երբ կը կենար անոնց գլխուն, ատանկ մատաղ, ատանկ ջերմ, ատանկ խորունկ, արցունքի անձրեւի մը պէս ձեղունէն թափելով ժամուորին սրտին։ Ան ատեն…։ Մեղքն ու անոր ճարտարապետութիւնը հեռու էին իրմէն, մշուշի մը մէջ, դիզուած իր զգայարանքներուն՝ կարդացուկ տղու, ժամու տղու իր տարիներէն, դպի՛ր տիրացու։ Բայց անոր մէջ ոչ մէկ կայուն գիծ հիմա։ Կը մօտենային ու կը լմուէին այդ բեկորները։ Աստուծոյ ա՞չքը։ Անիկա զգալ կարծեց այդ ճառագայթուն բանն ալ, որ Աւագ խորանին ճակատազարդը կը յօրինէր, թարթիչի փոխարէն ոսկեգիր [63] ու ծաղկանկար արապեսք ի մը խորքէն, [64] եւ որուն կը յառէր ան իր երգն ի վեր թեւածման ընթացքին, քաշուած, աներեւոյթ այդ ուժէն։ Աստուծոյ ա՜չքը։ Ո՞վ կը քակէր կապը իր յուշերուն փունջին, պզտիկ-պզտիկ սարսափներ, որոնք կը պաշարէին անոր սիրտը, ամէն հաղորդութենէ առաջ։ «Մեղայ ամենասուրբ» ը, զոր ջուրի պէս գիտէր գոց, ուրուացաւ շրթներուն, բայց չելաւ։ Չեղան նորէն այն դաժան պրկումները, որոնք մեղքին հետ գրկապինդ կը ներկայանային մտքին, եւ Սաղմոսի, Նարեկի հարիւրաւոր էջեր կ՚արժէին իրեն։ Իր մեղքե՜րը։ Դուք՝ որ գիտէք Նալպանտենց Սերոբինները։ Անիկա մաքուր էր աղտէն ու խղճմտանքին մէջ կը ստեղծէր մեղքեր, անոնցմով տառապեցնելու [65] իր քիչ մը շատ աղուոր պատանութիւնը։ Այդ կապոյտ գօտիէն մինչեւ գիշերուան սա խաւա՞րը։ Ո՞վ բացաւ շաւիղները անոր հոգիին։ Ոչ մէկ ատեն, ինչպէս հիմա, անիկա ինքզինքը մօտ կը զգար այնքան, իր չհասկցած բաներուն, այսինքն՝ ա՛յն վիճակներուն, որոնք մեր մէջ կ՚ուրուանան, բայց անանձրեւ ամպերու նման կը սրբուին ` մեզ ձգելով անծանօթին հետ, դարձեալ մինակ ու անպաշտպան։ Կարծես իրերը կը քակուէին իրենց խորհուրդին աղուամազէն՝ ինչպէս կիներուն վրայ անոր շինած երազը իր խանձարուրէն, ու անիկա իր թափանցումը կ՚ընէր աշխարհին, միակ ու կարելի ճամբայով, որ կիներուն մարմինն է եղած։ Անոնք, որ այդ թափանցումը ըրին այդ մարմինին կրկներեւոյթին վրայ, գուցէ տեսան աւելի գեղեցիկ, աւելի խոր, բայց ոչ իրաւ։ Կիներուն հոգին կարդալու փորձը՝ գոց չէ, որ կը կատարուի։ Ամբոխուած էր անիկա լուռ ձայներէ, բոլորովին նման անոնց, որ կը դողան, կը դողային վերի ծառերէն եւ կը ծորին դուրս, մեր վրայ, ինչպէս երգի մը համը, որ կը տարածուի ու կ՚ըլլայ, դուրս՝ բառերէն եւ բերաններէն։ Ու շատցեր էին անոր արիւնին ճամբաները ` ընելով իր մարմինը մերկ ու անպաշտպան։ Նայեցաւ ձեռքերուն։ Երակնե՛ր՝ երէկուընէ քիչ մը աւելի լայն ու հարուստ։ Ու շատ էր նորէն սիրտը ` խոշոր ու հպարտ։ Փնտռեց աղբիւրը այս զգայութիւններուն։ Չէր գտներ։ Բայց գոհ էր անիկա, իրեն՝ մինչեւ այդ պահը անծանօթ վստահութեամբ մը։ Ան մօտ կը գտնէր այս զգայութեան ուրիշներ, որոնք կ՚ամրանան գեղացիին մէջ, բերքի առատ տարիէ [66] մը, եւ մեծավայել հարսնիքներու հեռանկարէն։ Ու տեսաւ, որ այս զգայութիւնը չմնաց իր ներսին վրայ, այլ ինկաւ դուրս, քմծիծաղով մը, որ ո՛չ չար էր, ոչ ալ անխելք։ Զգայութիւնը ուրուացաւ, բայց չմտաւ մտածումի մը տարազին։ Կծկուեցան անոր շրթները։ Անոր մտքէն անցեր էր միւս, [67] ժողովրդային իմաստութիւնը։ Անոր [68] վճի՞ռը, ա՜ն՝ որ իր վիճակին համար իբր վերադիր կը գործածէր «Աստուած հեռուն ընէ» դասական տարազը։ Աւելի ուշ, ան պիտի թափանցէր տարազին իմաստութեան եւ պիտի համակերպէր իր անխելքութեան ` իրաւունք տալով գեղացիին, որուն փորձառութիւնը այս կարգի քաղցրաւէտ հանգիստները, հպարտացումները կը շաղկապէր վայրագ ու եղերական սկիզբներու։ Արուի՛ գոհունակութիւն, կենդանական, հազիւ տարբերող շրջապատի անասուններուն զգացածէն, որ նախնական, նման ձեւերու պարունակին մէջ խելօքիկ զեղում մըն է, հայրունակ բան մը (ուր կը գծագրուի առաջին եսութիւնը՝ ընտանիքի ապագայ պետին), զերծ՝ կիրքին խոր կրակներէն ու տարերկրեայ զկծեցուցիչ համերէն։ Պաշտօնական ու ամօթախառն՝ երբ տէրտէր մը խաչով կը տեառնագրէ խորհուրդը։ Գո՛ց, մռայլ, անասնական ու թշուառ, բայց տարօրէն կենդանի, երբ գրեթէ ազգապիղծ պայմաններ կը հանդիսեն զայն (յիշեցէք Պայրընը)։ Որուն՝ քաղաքներու [69] մէջ կ՚ընկերանան յաճախ տարփանքէն օտար տարրեր, փոքրոգի ու խեղճ, աւելի թշուառ, քան նոյնիսկ հեղինակ տարփաւորները։ Արուի՜ գոհունակութիւն։ Շիտակ, բնազդական որակուելու չափ պարզ սա վիճակը ազատ էր դարձեալ հեշտական, բայց լլկագին զգայութիւններէ, որոնք այնքան խոր կ՚ակօսեն պարմաններու սրտին կոյս հողերը ու կը բռնկցնեն, գէջ կրակով, տակաւին թարմ, արեւազուրկ մշուշները անոնց սեռական երեւակայութեան։ Արբունքը, որ հոգիին խոնաւութիւնն է գարնանամուտին ու կը տեւէ մինչեւ առաջին կինը, տառապագին շրջանն է կեանքին ու գեղացի տղուն մէջ սարսափախառն խուճապ մը, որուն առջեւէն կը հալածուի, կը փարատի անոր առնութիւնը խանձարուրող խակ պատեանը։ Արբունքէն ասդին, Սողոմենց Սողոմը անդրանիկ ու կատարեալ հաւասարութիւնը, հանգիստը կը հաստատէր իր ջիղերուն, որոնք անոր հոգին կը քաշէին, կը բերէին իր հունին, երկար ու տառապահոծ յորդումներէ վերջը ։ Հակառակ չարաչար յոգնութեան, որ նուէրն էր ճերմակ, տօնական, առասպել գիշերին, ան ձեռք նետեց բրիչին եւ երկարեցաւ առուակը՝ քսան քայլ մը բաց։ Անոր կռնակէն, ոտքերէն, ուսերէն, մա՛նաւանդ մէջքին ճամբաներէն կը քալէր անոր հետ ցնորական գիշերը, հետզհետէ աւելի բաբախուն, յստակ ու ինքնաշէն։ Ինչպէ՛ս հասած էր ջուրին, այդ ամբոխումին ընդմէջէն…։ Բայց կու գար անիկա, ջո՛ւրը, առուակէն զատուած, մտերիմ ու լեզուանի, փսփսանքով ու համբոյրով, [70] եղկ ու էջ։ Աւազանիկներ, առաջուց փորուած, ծառերու արմատին շուրջ բոլորը, կ՚ընդունէին զայն, արդար հեշտանքով մը։ Կու գար հանդարտ, պղպջուն, երկար ու նազոտ՝ ինչպէս սիրականը երգին՝

Մազը շաղ տալով

 

ու բարի։ Մի՞շտ, թէ երբեմն, իրերէն առաջ մենք մեզ կը տեսնենք։ Փրփուր։ Գոյնզգոյն զանգակներ, երազ, անանուանելի զգայութիւններ կը դառնային անոր մէջ, քմահաճ շուրջպար մը, կը մեռնէին, կը ծնէին, երբեմն իրարու կը պլլուէին անանկ քաղցր ճօճումներով, որ կը գորովէր Սողոմին հոգին։ Ու անիկա կը մտնէր հարսանեկան [71] անմոռանալի այն տրամադրութեան մէջ, ուր թափօրին մէջ քալած ատենդ [72] մէկէն կ՚առնուիս աներեւոյթ այդ հոսումէն, ուր անոր տրուած էր հետեւիլ ու քիչ ետքն ալ նոյնանալ հարսնցու աղջիկներու, մա՛նաւանդ նոր հարսներու պարին, հզօր [73] խենթութի՛ւն, ամբողջովին վարագուրուած բա՛ն մը, մաքրութիւն ու հով ու խռովք, կարմիր, կանանչ, հալուն ու հեւուն, ըլլալով կարծես սեռին թեւածումը, շղարշուած ու հեղուկ, սեռէն ալ վեր բան մը, աստուածային ու անհաս, որուն հանդէպ այրերը պահէ պահ կը խենթանան ու իրենց կարծրակուռ շէնքերէն հոսում, թառամում կը դառնան, պահէ պահ կը դադրին իրենց առնութենէն ` վերածուելու համար կակուղ ու խեղճ բանի մը, զոր մատ մը կը բաւէ քայքայելու. կ՚ըլլան «ծուծէն պարպուած եղէգը», «հոտէն լքուած ծաղիկը», որ կ՚ապրի իբր թէ, բայց աչքին համար, եւ ոչ՝ հոգիէն։ Արտաքին ու հեռուին մէջ զետեղուած այս զգայութիւնները ինչո՞ւ այս ձեւազեղծման, այս վարարումին կամ ներգեւումին [74] կ՚ենթարկուէին իրմէն ներս։ Եւ ինչո՞ւ իր միտքը գրեթէ գինով, գրեթէ խենթ կը թափառէր այդ մարզերուն, անցեալէն մինչեւ այդ ատեն անմեղուկ, խոտի պէս չոր դէզեր եւ որոնց յանկարծական իմաստ մը, կրակ մը, հոգի մը կը փոխանցէր անիկա հիմա։ Հարսներուն պա՜րը… իր ձայնին հազար բերաններուն տակ, իր ձայնին, որ պարողին հետ թեւ թեւի, շունչ շունչի, հետք հետքի պա՛ր մը՝ անտես, բայց փաղաղուն, անոնց մարմինին շուրջը անգայտ բոցէ շապիկի մը պէս, հազար տղու սիրտ կը թափէր մէջտեղ։ Ո՜վ խեղճութիւնը մարդերու սիրտին, հեշտութեան պողոտաներէն, գաւաթ մը սիրոյ, գաւաթ մը բոցի, արեան գաւաթ մը, զոր կէս կը շրջես ու կը նայիս շեշտ պարպուած կէտին…։ Բացառիկ յստակութեամբ մը ո՛վ էր ան, որ նկարեց անոր ներսիդին հարսնիք մը հարս ու փեսայ ու տուն եւ բակ ջնջուած էին պատկերէն երկու տարուան մը հեռուներէն, առանց որ գոյնէն թել մը թառամած ըլլար։ Որուն մէջ Նալպանտենց հարսը, իր արդուզարդին ամբողջ կշիռովը չմոռցուելիք պար էր դարձեր հարսին հետ, բայց սրտանց, [75] ինքզինքը թեւ ու հով ըրած, նետած իրմէն իր դժբախտութիւնը, էրիկը, կեսուրը, անձնատուր ով գիտէ ի՛նչ երազի, աւելնալով իր մարմինէն, քակուելով ձեւերուն մեզի ծանօթ ճարտարապետութենէն ու հաւաքելով նոր խմբումներ, ամբարձիգ [76] ՝ իր զգեստներէն, որոնք թեթեւ մը ուռած, շրջանումին ջերմութեանը մէջ կը դառնային հալած կրակ կամ դեղին ոսկեթուղթ ` կարմրելով եւ հեղուկնալով իր երեսներէն՝ աւելի քան իր ճիտին ոսկիները, դողին մէջ ծիծղուն ու թրթռուն կարծես մետաղութիւնը լքած իրենց, ըլլալով պահէ պահ, մեղմ ու հասուն, քաղուելու պատրաստ դեղձի մը հեշտերանգ դալկացումովը, որ անոր կորագիծերուն հրդեհը կը մատուցանէր խաղաղ, շիջանուտ [77] ընկղմումին։ Այդ պահուն տղայ մը ատրճանակ էր պարպեր խենթութենէն։ Բայց պարը քալեց։ Ան օրը, առաջին անգամ ան վախցեր էր իր ձայնէն ` ինքզինքը գրեթէ մատնուած զգալով։ Նորելուկ ողբ մըն էր, ինքզինքը կախած աղջկան մը վրայ, որ չուանին երթալէ առաջ կ՚երթար տղուն ետեւէն։ Ու միամիտ երգը նոյն գիծին կը բերէր արգանդին ու չուանին ճամբաները։ Քաշուեր էր տուն, երգը կիսատ, կտրելով, ու կոտրած՝ լալէն ալ անդին, մահով ծեծուած տղու մը սրտովը։ Ու երազեր էր անոնց, որոնք այդպէս հագուած, պաշտպանուած շարժումին ու կշռոյթին զգլխանքովը, կ՚ըսէին իրենց մարմինէն ինչ որ իր ձայնը [78] ուրիշներուն [79] բառերը ոլորած, գալարած ատեն կը հանէր իր ալքերէն, ակամայ ու բռնի։ Ո՞ր անյայտ օրէնքը այդ պատկերը գամեր էր անոր հոգիին, հիւսեր, շաղուեր էր անոր առէջները իր նեարդներուն, խորաքանդակ, մարմնաքանդակ նկարի մը պէս, ճենճերուն, անքակտելի, ողջ ու իրա՛ւ, միսին մէջ տեղաւորուած բանի մը պէս, ու աւելի՝ մաս կազմելու չափ անոր հոգիին երեսներուն։ Ի՜նչ ճամբով ու ի՜նչ ապշեցուցիչ հարազատութեամբ անիկա կրկին գտաւ այդ անձկալից, նուաղում տուող զգայութիւնը նոյն այդ կնիկին ծոցին մէջ, այս անգամ պառկած, զուրկ իր տեսիլքին կախարդ շինուածքէն, բայց աւելի քան իրաւ, եղերական։ Հարսնի՞ք։ Ո՞վ կը պատրաստէ ինչ որ կնքուած սրուակի մը կողերուն է յանձնուած։ Կը պատռի։ Կը թրթռայ, շրջապատին վրայ ու կը կորսուի։ Բայց այդ վայրկեանին արժէքը թող գնահատեն անոնք, որ գիտնալ կը յաւակնին։ «Հագուեցուցէք կնիկները մութով» կ՚ըսէ ժողովուրդը։ Ու խորունկ է ասութիւնը։ Դաշտն էր [80] սակայն, ծառի մը կլոր շուքին մէջ, բրիչը փակցուած զիստին։ Ո՛վ շինեց այդ կտաւին վրայ, անդիմադրելի վրձինով մը երէկ գիշերուան այդ կտորը, անհասկնալի, ցնորական իր անկողինովը։ Ի՜նչ դժուար է արհեստը սիրտ մը ունենալու։ Կարծես մէկը մխեց անոր ծոծրակէն շիշի մը սայրը, որուն ասեղը ճեղուեցաւ միսն ի վար, ճիշդ ու ճիշդ այն սօսաւուն ու պաղ զգայութեամբ, զոր կ՚ունենայ օձերուն երկճիղ [81] սլաքը, երբ կը հարուածէ կլափին պատերը, ու բացէն՝ շուրջը։ Գլուխը պարտաւորուեցաւ հակելու գետին։ Ձեռքն էր բրիչը։ Շարժեց զայն ` նոր ակօս մը բանալու համար։ Բայց ծանր էր ուսը, որ ըսես թմրեր սլաքէն, հատած [82] այդ հանգոյցին։ Ցա՞ւ։ Բայց չէր ատիկա։ Ո՛վ չի ճանչնար զայն։ Մտածեց ու գտաւ, որ զինքը ծոծրակէն բռնող այդ զգայութիւնը նման էր բոլորովին այն առաջին բախումին, որով ամբոխուած ու ծեծուած էր անոր սիրտը, երբ իր ոտքերը անցան սեմը Աղուորին սենեակին։ Պահեր կան, որոնց յօրինումը լայնքով կամ երկարութեամբ կը դիմանայ։ Երրեակ տարածութեան օրէնքը քիչ անգամ գոյ է յիշողութեան համար։ Բայց կան, թէեւ քիչ, անոնցմէ ալ, ուր [83] երրեակ տարածութեամբ զգայութիւններ մեզի համար ներկայ կ՚ընեն մեր հեռուն։ Երեւակայութեան տո՞ւրք։ Ջիղերու բացառիկ ընկալչութի՞ւն։ Դիւրին է բառեր շարել։ Անիկա պիտի չկրնար զատուիլ այս զգայութենէն։ Ինչո՞ւ նայեցաւ ձեռքերուն, որոնք ստիպուած եղան ձգելու բրիչը, այնքան զօրաւոր էր դողը մատներէն, գրեթէ կրկնելով, նեարդ առ նեարդ նոյն այն սարսուռն ու զգայութիւնները, երբ այդ գիշեր չէր կրցեր ծալել մատները Նալպանտենց հարսին մարմինին վրայ։ Ծունկերը կթոտեցան սակայն ու իջան գետին։ Ո՜վ բեռը կնոջ մը մարմինին մեր ջիղերուն վրայ։ Բայց բե՜ռը անոր պատկերին մեր հոգիին վրայ։ Ու կը ջերմանար, այդ ծանրութեան, տենդագին շփումին տակ, որ մաղն էր պատկերին, անոր ողնասիւնը, ու հեղուկ սարսուռ մը կը քալէր դէպի ծխնիները անոր ծունկերուն, ցաւոտ, մզմզուն, կիսաջերմ։ Գրեթէ վախի մօտիկ բան մը բացին իր ներսը այս զգայութիւնները։ Շփեց աչքերը, շատ ամուր։ Ու քրքրուեցաւ պատկերը՝ ինչպէս բիւրեղեայ անօթ մը, որ կ՚իյնայ ձեռքէդ։ Աչքը կը հետեւէր սակայն անոր բեկորներուն, որոնցմէ կը բուսնէին ուրիշներ, մանր ու ամբողջ, ցոլացնելով հիմնական կսկիծը, երանգը տարբեր-տարբեր կեդրոններու վրայ, միշտ հարազատ նախատիպին, վշտագին ու այրող։ Ան դպա ւ շրթներուն, բացառաբար թրթռուն, յոգնած ու վհատ ալ, կարծես վանելու համար անոնցմէ նուաղուն զարկը, զոր կ՚ունենան շատ ձգտումէ յետոյ թուլցած նուագարանները եւ որ փակեր էր, ու կը ծեծկուէր անոնց վիրաւոր, գզգզուած թաւիշին։ Ո՞վ հերկած [84] էր անոնց մորթը, որ լեզուին տակ աշխարհ մը աղ վազցուց։ Յիշեց, որ Աղուորին եղունգները ետ հրած էին իր բերանը անոր երեսներէն ու տեղ-տեղ արիւնած իսկ։ Կրկնուեցան փոքր ու հեռաւոր մանրամասնութիւններ, մարմնի ուրիշ մասերէ ուրիշ ճնշումներ, կլոր ու եղկ, զգայութիւններ՝ խոնաւ ու աղի, հապշտապ հեւքի մը մէջէն, մարելով ու շինուելով, սուրալով, բայց մնալով, յամառ ու անվախճան։ Ոչ մէկ կապ՝ խմբելու այս յաջորդումները, սուզումները, վերծփումները, մօտեցնելու համար այն գնացքին, թաւալումին, որով պատահարները կը զգենուն իրականութեան կնիքը եւ կը մնան անկորուստ մեր յիշողութեանց անդունդին ծոցը։ Կը ջնջուէին անոնք այնքան արագ, որքան կու գային։ Ու անոնք դադար ալ չունէին։ Ի՜նչ դժբախտ բան է երբեմն մարդկային միտքը։ Անիկա զրկուած է իր չուզած պահերուն՝ չըլլալուն սփոփանքէն։ Ան պիտի կրէ միշտ այդ արշաւը։ Ու այդ եկողներուն բոլորին ալ զարնուած էր կնիքը, որով կը զատուի եղածը, պատահածը՝ մտածուածէն [85] ։ Կը կազմուէին, կը լուծուէին, բայց զիրենք առաջացնող ուժերուն աղովը անգամ մըն ալ կսկծեցնելով անոր քամուած ջիղերը։ Իրողութեան եւ անոր վերյիշումին մէջ զգայութեան տարբեր աստիճաններ կան եւ ուրիշ ոչինչ։ Այսպէս կը սորվեցնեն գիրքերը, բայց զանոնք գրողները չեն կեցած այսպէս ջուրի մը գլխուն ու նայած։

 

Կան ուրիշներ, որ ըրած են ատիկա ու Սողոմին համար՝ հոսանքին մէջ լողալու ձգուած այդ պատկերին կտորները կ՚ենթարկուէին այլացման։ Ըսես՝ ջուրը առնէր-տանէր անոնց արիւնոտ, աղոտ, դպած տեղը խանձող հէնքը ու սնդուսի, պղպջակի պէս նուրբ ու փխրուն բանի մը վերածէր մեր գերագոյն ցաւը՝ ինչպէս վայելքը։ Նայեցէք, փնտռեցէք, ձեր յիշատակներուն մէջ, պիտի գտնէք այդ գունափոխումներէն։ Ձեր ամէնէն սիրած բանը դուք կը կոտրէք խորագոյն կսկիծով մը, որ ձեր մտքին մէջ իբր քաղցր յուշք կ՚արձանագրուի։ Ուրի՞շ բան է գիրկը, մա՛նաւանդ կնոջ մը մարմինը, որուն մէջէն դէպի հողը ճամբու կը դնես անհունութիւն մը ամբողջ, պահի մը համար։ Ձեր գերագոյն ցա՜ւը, ինչպէս վայելքը, կը մասնակցի պարունակին, գմբէթին վրայ կրկնելով երկինքներուն ալ գմբէթը, ինչպէս կայլակ մը ջուրէն երբեմն օրինակը կու գայ։ Սողոմը կը նեղուէր այդ պատկերներուն ընդհատէն։ Խուլ ու լուռ պայքարը՝ ասո՛նց, իրենց երեսը բերելու համար ուղեղին էգրան ին: [86] Հաւաքելու համար շատ ցիրուցան լարերը, մար երը [87] այս ուռկանին անիկա ելաւ ոտքի։ Արձանացուց ինքզինքը, ինչպէս կ՚ընեն ձկնորսները չուաններուն փաթթուելէ առաջ։ Ան ափերը զետեղած էր բրիչին կոթին, գագաթէն։ Ու հալածուեցան, հալող ու չըլլող ձիւնի հատիկներուն նման, պատկերներուն այդ առէջները, բայց վերադարձան։ Պղտորումէն յետոյ գտածը միշտ կանխող գիշերն էր, բայց կառչած, կեդրոնացած՝ պահի մը, պայծառ ու աննահանջ զգայութեան մը վրայ որքան ատեն, որ սեռային զգայարանքը ի զօրու է՝ կինը յիշատակ մը չէ արուին համար։ Ծերութիւնը կը գոցէ յաճախ մեր արտաքին աչքերը ու կը բանայ ներսինները։ Բայց մի մոռնաք, որ մենք կիներուն կը նայինք, զանոնք կը տեսնենք մութին մէջ միայն, լոյսին մէջ մեր տեսածը շպարն է յաճախ , ուր անոր մարմինը կասած էր պահ մը ինքնիրմէն ու տարտամ հեղուկացմամբ մը տարտղնուած, ինք պիտի ըսէր, Սողոմը՝ ցայցքնուած (ցրցքնուած), պարապին, կեանքին անհաս անդունդին վրայ, անհունապէս փոքրացած (մի մոռնաք կաթիլին իմաստը, տարողութիւնը) տանելու, ետ դարձնելու համար նոյն այդ կեանքին անգայտ հիւլէները՝ իր սկզբնական աւազանին, ուրկէ անոր մարմինը ծծած էր զանոնք՝ անզգաց [88] ու անգիտակից ընկալչութեամբ մը։ Լուծուելու, պարպուելու, կիսաջերմ, կիսակսկիծ, բայց յիմարաթեւ թրթռմամբ կեանքին մեծ ջուրին մէջ թափուելու այս զգայութիւնը այնքան զօրաւոր էր, որ շփոթեցաւ անիկա։ Միամիտ պատանի՝ ճիգ ըրաւ հիմա, կրկին, ձեռքը քակած կոթին գագաթէն, տեւողութեան սանձի մը [89] մէջ զետեղելու այդ զգայական աւազին խոշոր մասերը, իրողութիւննե՛րը ու, մա՛նաւանդ՝ կարգի կապելու անոնց իրերահոսումը։ Բայց անոր խեղճ միտքը անզօր էր խուժողները զսպելու՝ ինչպէս փախչողները վերասանձելո՛ւ։ Իր մարմինը կը խենթենար։ Իր մորթը կը նմանէր տոպրակի մը, ուր լեցուցած ըլլան աշխարհի բոլոր գազանները՝ ինչպէս գողտր համերը։ Բայց զգուշացաւ յամենալ որոշ դարձուածքներու վրայ, վասնզի նոր գելումներ [90] կը սպառնային թօթուել իր մկանները։ Անկարգ ու բռնաւոր այս յաջորդումներուն, ընկրկումներուն, հծծիւնի ու նուաղկոտ հոսումի խառնուրդին մէջ՝ անոր միտքը յաջողեցաւ շատ ամուր գիծերով բռնել զգայութիւնը այն պահին, որուն մէջ ան ուզած էր ելլել անկողինէն ` ճրագը վառելու։ Մութին վերմակը ճնշած էր զինքը, առաջին իսկ գրկընդխառնումէն ետքը, երբ սեռէն յետոյ միտքը կը սկսի։ Ձեւին հա՜մը։ Օտար, անլեզու, իր մարմինէն ոչ իսկ հիւլէ մը մատնող, Աղուորէն անոր ունեցածը, առածը ստուեր մըն էր, որ կը յամառէր վանել իր մատները՝ ինչպէս շրթները ու չըլլալ։ Յիշեց ոտքերուն, մա՛նաւանդ ծունկէն՝ խշխշուկը, երբ փորձեց կենալ։ Յիշեց, նոյն ամօթով, տխրութեան նոյն կիսերանգով՝ ուժը անոր բազուկներուն, որոնք զինքը քաշած, կործանած էին անկողինին խորը։ Ինչպէ՜ս ինկաւ անոր մարմինին վրայ։ Ջանք ըրաւ հիմա, ինչպէս ըրած էր գիշերը` հասկնալու պատճառը այս վճռական ընդդիմութեան ճրագը վառելու։ Ու տրտմեցաւ չարաչար։ Սեռային զգայութիւնները ամէնէն ըմբոստները կը մնան մեր զգացական փորձառութիւններէն։ Անոնք պիտակելի, զետեղելի ալ չեն, ինչպէս մեծ մասը միւսներուն, միջոցին ու ժամանակին մէջ։ Ցաւ մը համով յիշատակի մը կրնայ վերածուիլ։ Բայց տարփա՞նքը։ Պարտաւոր ենք ապրելու։ Անոր այցելեց սրտաբեկ այն խորտակումը կրկին, որով թաղուած էր անոր ծոցը, առատ, զինքը քաղցրօրէն իր մէջ աղաւորող [91] ծոցը, երբ անկշիռ ու դիակ, յուսահատ զայն խօսեցնելէ, պատահմամբ գտած էր արցունքը, անոր վիզին մօտերը։ Ինչո՞ւ կու լար այդ կնիկը։ Ինչո՞ւ կու լան կիները…։ Ու դեռ ուրիշ պատկերներ, դէպի առաջ ու դէպի ետ՝ այդ հիմնական պահէն, վարանոտ, համարձակ, կսկծալի կամ նուաղուն, որոնք կը զատուէին ընդհանուր վառարանէն, Աղուորին մարմինէն, բայց տրամադիր էին հիւսուելու եւ յիշատակի կտաւ մը կազմելու բոլորն ալ սեռին մօտիկ, բայց անկէ անկախ, այսինքն՝ ինչ որ ծերութիւնը, մանկութիւնը կը գտնէ իր մարմինէն, դուրսէն։ Այսինքն՝ մարդոց զգե՜ստը միայն։ Վասնզի ինչ որ ուրիշէն կ՚առնենք յաճախ, ուրիշ ճամբով, անոր զգեստն է միայն։ Ու գտաւ, որ անոնք խառնակ բաներ էին, տրտում ալ, չէզոք ալ խղճի խայթ, արգահատանք, մեղքի վախ, բոլորն ալ օտար, անհարազատ, բայց կապուած՝ անոր ծոցին։ Ան նորէն հաստատեց, առանց տառապելու, այսինքն՝ ապրելու, յստա՛կ՝ այն զգայութիւնները, որոնք ունեցեր էր բազուկներուն, կուրծքին, բերնին վրայ, երբ գրկ ե ր էր անոր մարմինը, ինչպէս փոքր աղջնակ մը ` ինքն ալ չհաւատալով ըրածին, ու տարած երկարեր՝ բազմոցին։ Դեռ ականջին մէջն էր շրշիւնը, գուլ ու բարակ, խոնաւ ու փսորուն, որ անոր միսերը կը շաղուէր ճերմակեղ է նին խուլ սօսաւիւնին, աղուահամ բան մը վազցնելով աչքին սահմաններէն: [92] Ըրեր էր մէկդի վարագոյրը, գոնէ տարտամ լոյսով մը տեսնելու, թէ ի՛նչ կար անոր երեսին։ Բայց գտաւ, որ ձեռքերը կը ծածկէին անոր աչքերուն տեղը ու այտերուն իջուածքը։ Բայց պատկերին ամէնէն հզօր համը ան դեռ կը գտնէր իր իսկ ծոցին, ուր կը բաբախէր թեթեւութիւնը անոր մարմինին, կտրուած այդպէս գետինէն, թառած իր թեւերուն, երազ ու իրաւ նոյն ատեն։ Ըլլա՜ր հով, ըլլա՜ր շղարշ, ըլլա՜ր տիկ մը բռնկած արիւն՝ պատրաստ թեւ բանալու ու վերանալու։ Ըլլա՜ր ձիւն ու հուրի…։ Աւազանիկները կը լեցուէին միօրինակ, խաղաղ, երբեք համը չճանչցող կնոջ մը գիրկին։ Մօտէն, հեռուներէն աշխատողները կ՚երգէին, անուշն ալ, լեղին ալ։ Իր հողին վրայ մարդը էգ է միշտ։ Ու երգը կարծես սիրոյ վէրքը կը բանար պարապին հսկայ սրտէն ու մարդոց ծածուկ, բայց հզօրագոյն ձայնին, սիրոյ ցաւին անցք մը կը ճարէր, կը հեղուր դուրս անոր հուրն ու աղը, ու կը տարտղնէր անոր կաթիլները տարածութեան հազար լարերուն։ Կը թեթեւնայի՞ն անոնք, որ այդպէս ձայնին վստահած իրենց կրակը, նետուած՝ պատրալից այլուրութեան մը, օտարի մը դիմակին ապաստանած, կը պարպէին իրենք զիրենք ուրիշներու խողովակէն…։ Իրողութիւն է, որ ձիթաստաններուն մենութեան [93] մէջ, երգին վրայով կը բուսնէին ձեւե՜րը, անո՛նք՝ որոնք կը պտտցնենք մեզի հետ։ Եւ ամէն մարդ ինք գիտէ, թէ ի՛նչ է պտտցուցածը։ Ջուրը կը մտնէր մէկ աւազանէն միւսին։ Անոր բրիչը բնազդական հարուածներով կը կառավարէր հոսանքը։ Ուզեց երգել։ Կը վախնար, աւելի ճիշդը՝ կ՚ամչնար ձայնէն, մատնող ու թափանցիկ, նոյնիսկ չէզոքներու բերանէն, նոյնիսկ յիսունը անց Ալոճ աղբարին բերանէն, որ սափորները զոյգ կը բերէր պարտէզ, մէկը՝ սովորական, միւսն ալ՝ ճերմակ ջուրի, ու չնայելով իր թափած ակռաներուն՝ թոռներուն ու պոյ-պոյ հարսներուն, կ՚ոգէր սիրականին օրերը, հիմա եօթը թիզ հողին տակ, ու կը խմէր « անոր աչուըները հոգու ջուրի պէս» ։ Ով գիտէ ի՛նչ կրակ թափէր պիտի նոյն այդ ձայնը Սողոմին կոկորդէն։ Յետոյ մխտեցին զինքը։ Ազատ չէր անոր ուղեղը երգերուն սօսինձէն, նոյնիսկ տղայ օրերուն։ Աքաղաղը աքաղաղ է միշտ։ Աւելի բռնաւոր՝ ան կը յամառէր ծաւալիլ, վեր խուժել։ Արագ միջնարարներ այդ արտաքին ընդմիջումները զինքը քիչ մը «քակելու համար» ներքին ամպրոպէն, որ կը պտուտքէր անոր սիրտին տունը զետեղած իր պոչը, եւ գլուխն ալ՝ ուղեղին։ Ասոնցմէ ետքը գիշերը կը զգետնէր զինքը, ամբողջ, անդիմադրելի, բացարձակ։ Զայն կը յուզէին, լացնելու չափ, անասելի զգայութիւններ, որոնք հպանցած էին իր զգայարանքները եւ որոնց մեկնումի կէտը կը մնար միշտ ու միշտ Աղուորին մարմինը, իր բազմազան խորշերով եւ անկիւններով, տարբեր - տարբեր փափկութեամբ ու բարեխառնութեամբ։ Քիչ-քիչ, օր-ցերեկով՝ անիկա փաթթուեցաւ ջերմագին ու աղօտ այն ծխումին մէջ, որ կը բխէր Աղուորէն, կը բխէր մա՛նաւանդ այն խոռոչներէն, ուր, իր բերանը, առաջին վախերէն ու վարանքներէն յետոյ, փնտռեր էր զարհուրելի խորհուրդը, կիները այդքան ցանկալի, ուժով, արիւնէն ալ վեր ընող առեղծուածը, ա՛ն՝ որուն համար հայրը իր տղուն ամորձիքները իր ձեռքովը կը փրցնէր հեքիաթի մը մէջ ու իրեն կը պահէր տունն ինկած աղջիկը։ Ա՛ն՝ որուն ստացումին համար երկու եղբայր իրար կը սպաննեն, ակռայ ակռայի, իրարու հոգին քանդելով։ Պատանիներուն գերագոյն երա՜զը ու առաջին սարսափը՝ լուրջ ու տխուր ու անկանգնելի։ Բայց մի՛ս, կծուահամ ու թաց միս էր գտեր, սանկ մօտիկ բան մը քրտինքի հոտին, ճենճերուն ու տաղող, խոնաւութեամբ պղպեղուած, ու լորձունքին տակ թթուաշ։ Յետո՞յ։ Մշո՜ւշ, լոյսերով ընդգծուած, առաձիգ, շօշափելի, մէկ թեւը երկարած մինչեւ անդրագոյն ալքերը իր հոգիին։ Նորէն այս նուաղումի, մշուշայնացման զգայութիւններուն կապուած, իբր անոնց մնացորդը, ան ունեցաւ նոյն ծանրութիւնը իր վրայ։ Ի՛նչ որ յափրանքն ու տրտմութիւնը կը դիզեն մեր մէջ, ի՛նչ որ սեռային գործողութեան իբր մոխիրը կը նստի, կ՚երկաթանայ (գիտունները պիտի ըսէին գուցէ օքսիտանալ), մեր սրտին ու անոր ճամբաներուն վրայ։ Ե՞րբ տաքցած էր արեւը։ Օրը կը գտնէր, կը հագնէր աշնասկիզբի այն փափուկ համը, որ, օր մը ձերը եղած աղուոր կնիկի մը յիշատակին պէս, կը զատուի միւսներուն գորշ կամ բարկ, թաց կամ ցեխոտ կարաւանէն ու կը դիմանայ ձեր մտքին մէջ, իր համեմին ու գոյնին, շունչին եւ խռովքին անջինջ կաղապարովը։ Նայեցէք ձեր ետին։ Ամէնքդ ալ ունիք անոնցմէ։ Մեր մանկութիւնը եւ մեր ծերութիւնը այդ ընտանիքին օրրանն ու գերեզմանները կ՚ըլլան։ Բայց անիկա յոգնած կը զգար ինքզինքը անհնարին յոգնածութեամբ մը։ Աշխատա՞նք։ Ի՞նչ էր ըրածը` ջուրին նայելէ զատ։ Ու կը զարմանար իր այս բեկումին։ Անիկա կ՚անգիտանար օրէնքը, որ մեր ջիղերը կը կառավարէ։ Ասոնք թէեւ առաձիգ, երկարելի չեն անսահման աղեղներով ու կը կոտրին։ Ցաւը չէինք ճանչնար այլապէս, որ այդ ջիղերուն թերեւս հեւքն է, տարակեդրոն թրթռացման մը ներքին, հոգեկան երեսը, եւ պայմանաւոր՝ մեր միջոցներով։ Դիմանալը երբեք չի նշանակեր զօրաւոր ըլլալ ցաւին դէմ։ Մեր ջիղերուն վրայ ելեւէջող ամէն սարսուռ (հեղանուտը նոյնն է պատկերին թէ իրականութեան համար) կը սպառէ ներքին մեծ ջերմութիւն։ Հոգեկան անաֆիլաքսի ։ Այս է պատճառը, որ մենք աւելի շատ ու շուտ [94] կը յոգնինք կրկնուած մտապատկերէն, քան կրկնուած իրողութենէն։ Այս վերջինէն կրնանք փախչիլ։ Տեքորի եւ շրջանակի պարզ փոփոխում մը պիտի բաւէր մեզ ազատել առնուազն ձանձրոյթէն։ Բայց փախէք՝ եթէ կրնաք ձեր ուղեղէն։ Մեծ անձկութիւններուն առաջացուցած լքումը անհամեմատ աւելի մեծ է, քան անոնց իրականութիւնը։ Ծամուած, որոճացուած ցաւը թթուն դրուած, թոյնի թաթխուած բանի մը նման բարկ է մեր մէջ։ Անոր մտքին մէջ այս խոնջէնքը կը գերաճէր մարմնական սա սպառումէն ալ, զոր քանի մը ժամուան աշխատանքը, հակառակ իր թեթեւութեան, կ՚ընէր ահա անհանդուրժելի։ Իրեն այնպէս կու գար, որ փոսերը կը շատնային, ուշ կը լեցուէին ու գործը՝ քալելու տեղ, կ՚ընկրկէր։ Բոլոր ասոնք, պարզ իբր զգայութիւններ [95], երբ կը մեկնէին դուրս, բայց կը վերածուէին ժխտական բաներու, արդի՛ւնք իր պրկուած, գրեթէ անընդհատ ամբոխուող ջիղերուն եւ քիչ մըն ալ անշուշտ արդի՛ւնքը՝ ճերմակ գիշերէն մթերուած խոնջէնքին, որ անոր մարմինին տարողութիւնը գլեր-անցեր էր շատոնց (երիտասարդական առաջին խակութիւնը, ինչպէս կ՚որակէ գեղացին այս սպառումը կնոջ մը ծոցէն)։ Ուրուացող, բայց առանց նկարագրի։ Մտովի արտասանեց անոր անունը ու շուրջը դիտեց, լարուած, վախկոտ, յանցանքի վրայ բռնուող տղու մը նման։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ բառը թանձրութիւն ու ձեւ ունէր, դէ՛մք մը, աւելի յստակ՝ ճերմակով պլլուած երկարութիւն մըն էր։ Նալպանտենց Աղուո՜րը։ Բայց կը մտածէր անոր հեքիաթին, որ տասն անգամ աւելի մեծութիւն ու համ ունէր տղոց շրթներուն։ Որ աճեր էր իր արտարձակած իսկ խորհուրդէն։ Զայն ունենա՜լը։ Հիմա, սա րոպէին, ատիկա հասարակ գոհունակութիւնը չէր արուին։ Ատիկա կեանքին մռայլ, չթափանցուելիք այն խորհուրդներէն էր, որոնք, գերեզմանի վրայ պտտող լոյսերուն նման՝ երբեմն կը մօտենան, երբեմն կանգ կ՚առնեն՝ կ՚ըլլան այս ու ան նկարը, կնոջ դէմքը, մեր երազին մարմնառումը, մեզ կը խռովեն, խենթեցնելու չափ ու կը սուզուին հողերուն խորը մեզ ձգելով, աւելի քան առնուած, յիմար, ծարաւի իրենց ցանկութեանց, իրենց միսերուն։ Ատիկա անդիմադրելի այն պարպուիլն էր մարդու ամբողջ [96] ներսին դէպի կէտ մը, ծաղկում մը, կոկոնում մը, որ դէմք է հագած, աղջիկ կամ կին, երբեմն հայր ու մայր, երբեմն աւելի օտար, բայց որուն հետ տեղի կ՚ունենայ անմեկնելի շաղախումը, ու կը ստեղծէ հսկայ զոհերը զգացումին, բոլոր տեղերէն ու բոլոր ժամանակներէ։ Ուրիշին համար մեռնիլը՝ ուրիշները այսպէս տեսնելուն համազօր է յաճախ։ Սղմեցէ՛ք, ու ատոր մօտ բան մը պիտի գտնէք խորը այն գեղեցիկ, սրտառուչ նուիրումներուն, որոնք մեզի կը մատուցուին կեանքին բոլոր աստիճաններէն։ Թող քսանամենի աղջիկը ծնրադիր հսկէ հոգեւարքը [97] համբաւէ [98] ծերութիւններուն։ Թող ջուրէն քիչ, բայց դեռ չցամքած կինը գուրգուրայ, մօր մը դէմքով ու սիրտով ա՜լ, պատահական դժբախտին, որ անոր տունն է ինկած ուրականի մը երախէն։ Խորքը կը մնայ նոյն։ Նալպանտենց Աղուո՜րը։ Կրկնեց կամացուկ ու իր հոգին կը վազէր իր բերնէն, գրեթէ տեսանելի ուրդի մը վրայէն` կազմելու համար անոր մարմինը՝ աննիւթ խենթութիւն՝ ու անտես կրակ։ Ինչպէ՞ս տեղի կ՚ունենար այս փոփոխութիւնը։ Բայց դեռ սկիզբն է ասիկա, այսինքն՝ զգայարանքներու տիրապետման առաջին արարը։ Մեզի տրուած է հիանալ այս կարգի այլացումներու դէմ, որոնց ահագնութիւնը կը կշռենք, երբ մեր նժարը ամրացած է մեր ողնասիւնով։ Մանուկը, պատանեակը դիտողներ են միայն։ Ուսումնասիրողներ խենթութեան նման փայլակի մը մէջ կը բացատրեն երջանիկ մահը, այսինքն՝ երջանկութիւնը մահուան դէմ՝ զինուորին։ Նահատակը սիրահար մըն է ամէն բանէ առաջ։ Ու բոլոր պատրանքներէն գերազանցը՝ սեռական տարփանքը, որուն նկարագիրն է երբեմն մտնել տարազի տակ։ Աղուորին համար անիկա լեռն անգամ արմատէն խախտելու ուժ կը զգար իր մէջ։ Ու հաւատաց Աւետարանին մինչեւ այսօր իրեն անհաս պատգամին։ Բայց այս պահերը գրեթէ մարդկային չեն։ Առ աչօք տեսիլը զայրագնումն է հոգեղէնին ու կ՚այրէ։ Զայն ընդունող ջիղերը կը քայքայուին այդ ծանրութեան տակ։ Յիմարը իր ջիղերը այրած կենդանին է։ Ու գնաց Սողոմին աչքէն տեսիլքը։ Տեղը գրաւո՞ղը։ Վատ, տգեղ, եսասէր զգայութիւն մըն էր։ Որքան միւսները, այլաս[ի]րականները [99] դժուար կը տարուին ու այդ իսկ պատճառով հազուադէպ զոհեր կ՚ունենան եւ մեզ կը սպառեն, այնքան եսականները դիւրաւ կը քալեն եւ մեզ չեն նեղեր։ Պժգանքը մի շփոթէք սպառումին հետ։ Առաջինը նեխութեան մը ուռեցքն է, գէշ կազերէ ամբարձած, որ կը նստի կրկին։ Անիկա նեղուեցաւ, վասնզի ո՛վ իրեն զգացուց տգեղութիւնը սա վիճակին -- [100]  ուրիշի մը կնիկը ունենալու քիչ մը գող [101], քիչ մը հաստ զգայութեան, ազատ՝ սեռային հարցը ծեփող կրօնական ու ընկերային յաւելումներէն, ինքնիր մէջ դիտուած, ու ազատ դարձեալ վայելքին ծխումէն, որ բազմաղբիւր է եւ դիւրագնի։ Զգայութեան այս նրբերանգը, ծիծաղելի՝ քաղքենի կարգին համար, անտեղի չէր գեղացի տղուն մէջ, որ կը մեծնայ միամիտ ու ամօթխած աւանդութեանց մէջ։ Բացառիկը՝ օրէնք չէ գեղին համար։ Յետոյ՝ ամէն տղայ խուլ փորձառութեանց դասն է լսած մեծերու փսփսուքներէն, թէ սեռային օրէնքի ամէն բռնաբարում, կանուխ-ուշ, աղէտի կը յանգի։ Տղաքը, այսինքն՝ դեռ ոչ իսկ պատանիները, գրեթէ գուշակող սարուածներով լարուած են սեռային հարցին ընկալչութեան։ Ոչինչ այնքան դիւրաւ, խոր, բնական կը գողցուի այդ լարերուն միջոցով դուրսի աշխարհէն, որքան այն կէսկտուր ակնարկները, թերի լոյսերը, պատմութեան բեկորները, որոնք սեռը կը պտտցնեն մեծերուն քիչ մը անզգոյշ բառերէն դուրս։ Նոյն այդ տղան կու լայ սիրոյ զոհերը, անշուշտ արտաքին լացով մը։ Բայց թաթին տակն է գեղին մեծ օրէնքին։ Հոն ամէն ինչ աննպաստ է սիրողներուն։ Կեանքը քաղաքները շինած է խուլ այդ բնազդին խուլ ցուցմունքովը, որ մեր քաղաքակրթութեան մէջ բազմապատկած է սեռային մշուշին համար հարկաւոր բոլոր հանդերձանքը, [102] թերեւս փոխարինելու համար իր դէմ ուղղուած մեծ հարուածը, քաղաքակրթութիւնը սեռէն կողոպուտ մըն է։ Նոյն այդ կեանքը գեղին մէջ պարզ է՝ իբր սեռային ճարտարապետութիւն։ Ամէն ծնունդ հոն կ՚ուղղուի, մեծ, լայն, պարզ պողոտայէ մը։ Շեղումը՝ աղէտ է։ Տունը, դաշտը, մշտապէս իրար հսկող բնազդներ, միջավայրին փոքրութիւնը եւ կիրքի ահագնութիւնը պատահարը կը տանին ոճիրի, որ իր թափած արիւնէն աւելի երկարաձիգ իր հետեւանքներովը կը բռնանայ ու կտակի պէս կը փոխանցի [103] սերունդին։ Քանինե՜ր դատապարտուած էին գեհենին, ասդին թէ անդին, գնովը գիշերուան մը անկողինին։ Տակաւին իր պատանութեան խորխէն բոլորովին չազատած տղուն համար հասկնալի է, որ միջամտէր երկինքը։ Ու վախնար, տառապէր անիկա մեղքին համար, որուն մէջ, որուն սարսափին, մղձաւանջին մէջ աճեցան անոր բոլոր զգայարանքները։ Թող ամէն մարդ այս տողերը կարդացած ատեն շինէ իրեն իր հոգին տասնի դուռներուն ու շարունակէ հետեւիլ անոր մինչեւ առաջին հերձումը մտքին վարագոյրին, երբ զայն ճեղքող հարուածներուն դէմ եղաւ։ Այլապէ՞ս…։ Անիկա աշխատեցաւ վանել այդ զազիր ու սողոսկուն մղձուկը։ Աշնանամուտ արեւէն ոչինչ կը մնար հիմա միջոցին մէջ, որ կ՚այրէր խիտ ու լայն ջերմութեամբ մը, ամառուան բերնէն, ծանր ու ջլատող։ Շուքէն ցատկեց արեւի կտորի մը մէջ։ Նետեց թեւերը կռնակին, աջին ու ձախին։ Ու արեւը զգալի հեղուկի մը պէս կը պտտէր իր մարմինին վրայ։ Այս խայտանքը կտրտեց անոր հոգիէն սեւաւոր ամպերը: [104] Լոյսը կ՚աւլէր անոր ներսի անձուկն ու խոնաւութիւնը։ Ինքն իսկ կը տարակուսէր պատահածէն ու անոր կշիռէն։ Եղաւ զուարթ, միամիտ, նման տղուն, որուն թաթին է ինկած իր ցանկացած լուսնկան։ Բայց երբ դարձաւ ջուրին ու շարժեց թեւերը բրիչին ծանրոցովը, զգաց դառնութեամբ, որ ոսկորները նոյն բռնուածքը ունէին։ Կարծր, ճթռտուն։ Իրեն կը հետեւէր յոգնութիւնը, ինչպէս իր շուքը, ու միասին՝ անոր կապուած ժխտական նոյն տրամադրութիւնը։ Որ չկար, բայց ոստղի [105] նման միտքին ասեղը կը պարուրէր ժխտող տարրերով։ Ջանաց արգիլել անոնց մարմինի վերածումը իր գանկին տակ։ Չյաջողեցաւ։ Անոնք կ՚ամրանային, կը ճշդուէին։ Մէկ վայրկեանէն միւսը փոխուող, ինկող ու նորէն կանգնող, բայց յարաճուն այս կազմաւորումը մեր հոգիին, որ կաղապարը կ՚առնէ մեզ լլկող յուզումին եւ իբր այդ կը կեցնէ մեզ աշխարհին [106] աչքին, մեծ թզենիին տակ գտաւ իր լրումը։ Խելամտում, ողջ ու վճռակա՛ն։ Փարատեցան բոլոր երկդիմի ու մակաբոյծ հոգերն ու գոհացումները, փաստերն ու կեղծ վկայականները։ Ան դատեց վերջապէս՝ յստակ՝ իր պատահարը։ Ի՜նչ ունէր ինք, անձնապէս, իր առաքինութիւններովը, գիշերը կատարուածին մէջ։ Վճռական եղաւ անոր խորտակումը։ Ամչնալ ամչցա՜ւ։ Լացն էր պակաս։ Ա՛յնքան՝ որ բրիչը ինկաւ դուրս առուէն ու կը փորէր, թաղելո՜ւ համար իր խեղճութեան այս պատկերը։ Ուժգին հոգիներու մէջ այս հակահարուածները մեր եսի՜ն, երբ կ՚ամչնանք ծնած իսկ ըլլալնուս։ Դէպի ինքնասպանում ճամբան կարճ է շատ այդ ասղնտուքին տակ։ Ու ան, լքուն, պարտուած, անկար՝ մտածեց ու գտաւ, որ քիչ առաջուան իր վատ ու գռեհիկ գոհացումը զատ, հեռու բան էր բոլորովին սեռային ցոլարձակումէն ու, անոր հետեւանք՝ նուաճող հաճոյքէն։ Այս ստուգութիւնը անգամ մըն ալ շեշտեց իր անկումին լեղին։ Ու նուաստացման այս գիծով՝ անիկա վերաքաղն ըրաւ այն ծիծաղելի տառապանքին, որ բարդուած էր իր ուսերուն, այդպէս մօտիկը գեղին ամէնէն ցանկայարոյց հարսներէն մէկուն, բայց այլապէս արգիլուած անկէ, իր վրայ կրելով անդադար անոր շունչին, ձայնին, ոտքերու շրշիւնին, թերեւս սրտին ալ հոսումներուն շամանդաղումը, եղեամը, բայց գառագեղով մը բաժնուած անկէ, երեսն իսկ լման, կուշտ տեսնելէ, տապկուած իր անհուն, արիւնոտ ծարաւէն ու անյոյս մանաւանդ, գիշերները իր խուցին մէջ, քուն թէ արթուն յաճախուած անոր ծոցին տեսիլքէն, յիմա՜ր ու գազան նոյն ատեն։ Երկու տարի՜։ Ու անիկա բառ չէր կրցած փոխանակել անոր հետ, ի՛նք՝ որ օրը հարիւր հեղ մտքէն կը հեգէր անոր անունը։ Մինչ՝ իր ականջին առջեւէն կը թռէին երջանիկ պատմումները միւս, իրենց վիճակակից մշակներուն, որոնք ծունկ ծունկի կը նստէին իրենց խաթուններուն, ասոնց հարսներուն հետ, նոյն սեղանին։ Ու դեռ ուրիշ բաներ։ Ինչո՞ւ զրկանքի, նուաստութեան այս ճնշումը չփարատեցաւ գիշերուան տեսիլքէն, որ սուտ կրկներեւոյթ մըն էր հիմա, ամպի մը թեւէն աւլուած։ Ո՜վ, ո՜վ պիտի հաւատար իր տարեկիցներէն այս հեքիաթին։ Ու կրկին, ամօթի աւելի մեծ ալիք մը զգետնեց զինքը։ Ու եղաւ անոր առաջին դառն ու խեղճ տեսարանը, թեւէն բռներ, անլեզու գառնուկի կամ բակի լակոտի մը պէս նետեր էին զինքը այդ ծոցին։ Զղջաց չարաչար այն յոխորտանքին համար, որով վարակուած էր առտուն, փողոցներէն ձին թռցուցած ատեն։ Ան կը տեսնէ՞ր պառաւին հաշիւները։ Ներկայացան իրեն ամլութեան յարակից դրուագումներ, ա՛յնքան, ո՛րքան ինկած էին հասարակաց սեղանին։ Անկարող էր սակայն ատոնք դատելու։ Ջուրը կը պակսէր, հետզհետէ աւելի արագ, շոգիացումէն՝ որ զօրաւոր էր վերերը, [107] կիրճին մէջ, հանդիպակաց ժայռերու սաստիկ տաքնալովը։ Կէսօր գրեթէ։ Ու զզուելի տառապանք էր անոր համար, բրիչը ափին, այդ քիչ ջուրով սպասել աւազանիկներուն լեցուելուն։ Կ՚ըլլայ այս ձեւազեղծումը մեր զբաղումին, որ մէկ ժամէն միւսը կը դառնայ անտանելի։ Արհեստաւորը մեր ներսն է անշուշտ ու չենք կասկածիր։ Բայց աւելի տառապագինը ա՛ն էր, որ մարմինին քիչ մը հանգչիլը, տեղ մը պաղիլը պատճառ կը դառնար հոգիին ամբոխուելուն։ Ի զուր էին անոր ջանքերը՝ չիյնալու այդ պատկերներուն տարափին տակ։ Ինչպէս շէնք մը, դեռ չինկած, բայց մէկ կողմին ծռելովը, տեւողութեան վրայ կը տարածէ անկումին յստակ [108] վճիռը, անիկա կը հակէր գետին` քակուած իր խարիսխներէն։ Սուր, ուժգին փլիլ մը, կատարուա՛ծը իր մէջ։ Ու քանի՛ կ՚իջնէր ինքը, ա՛յնքան գեղեցիկ կը յառնէին միւսները, կնոջ պատմութիւններ բոլորն ալ, իրենց խորքովը նմա՛ն՝ իրեն պատահածին, բայց որոնց յօրինումին, դրուագումին ու շարժումին մէջ կը գործէին հերոսական տարրեր։ Հէ՜յ, այդ սեւաչուի ու թուխ տղաքը, որոնք տասը կանգուն պատերէն շուլլուած ատեն թռչունի պէս թեթեւ էին ու տանիքը ծակելով սիրականին սենեակին մէջ իջնելու համար մուկի ոտքեր կը գործածէին, բայց անգամ մը անոր ծոցը մտնելէ յետոյ՝ դանակով կը խօսէին։ Վաւերական նուաճումներ ասոնցը։ Որոնց մէջ կիները յաղթուած կատուներու նման կը փռուէին արուին առջեւ, կամ՝ անոր հետ՝ ետեւէն մինչեւ դժոխք ճամբայ ունէին։ Նալպանտենց Աղուո՜րը։ Բայց դեռ ինք չունէր նոյնիսկ անոր ձայնը։ Ու պատանութեան խորագոյն նախանձով, կարօտով՝ անիկա տեսաւ, կիներուն մարմինէն անդին, միւս այն առքը, որ կը զեղուր ատենին իրմէն դուրս, այն տղոցը հասցէին, որոնք իրենց առատ քաջագործութեանց չափ, առատ ալ մարմին էին, արձակ ու լայն, մէյ-մէկ «լերան կտոր»։ Ու քաջ էին։ Ամէն տղու մէջ եթէ մանրանկար մարդը, աւելի ճիշդ՝ ծերը կայ, ամէն պատանիի մէջ, որոշ պահերու, կ՚ուրուանայ հերոսը։ Այս է պատճառը գուցէ անհաշիւ այն մեծսրտութեան, որ տղաքը կը նետէ նիւթական, բարոյական բարձունքներու, ուր [109] անհնար է մագլիլ տարեցներուն։ Մէջ-մարդը ամէնէն տխուր մասն է մեր մէջ, հաշիւով կապուածը, անհերոսականը։ Քա՜ջ էին։ Այսինքն՝ կը քաշէին դանակը, իրենց հասակին չափովը, կը նետուէին խուժանին կամ գուպարին մէջ, պարզ ու վայրագ, մէկ կտոր, կիրքէն արձակուած նետին նման սուր, կը չափէին հարուածը իրենց տասնապատկուած բազուկներուն ամբողջ բաբանովը ու շրջապատը կ՚աւլէին հինգ ակնթարթի մէջ։ Որոնք պաշարումը սարդի մը ոստայնին նման կ՚աւրէին ու մռնչիւնով կ՚ընդունէին կռիւը, երբ պարտադրուէր իրենց, հակառակորդ խմբակէն։ Ու չէին վախնար գնդակէն, զոր կը դիմաւորէին անփութութեամբ` իրենց ափերը երկարելով հրազէնի փողերուն։ Մարմնական ու հոգեկան այս հարստութիւնները բոլորն ալ ուժի եւ վայրագութեան խողովակէն , գեղին կամ թուրք գեղերուն, կամ հեռաւոր քաղաքներուն մէջ՝ բազմամբոխ ճակատումները, պոռնիկներու, ծխախոտի դէտերու, դաւադրական խնջոյքներու [110] առիթով, որոնց ընթացքին այդ տղաքը իրենց կոկորդին անհուն որոտովը եղած են, որ գիշերուան մէջ իրենց ձայնը հասցուցած են մինչեւ լիճ, այսինքն՝ ժամ մը հեռու ու իրենց բազուկներուն աննուաճ կորովովը կը նուաճէին կիներուն սիրտը եւ որոնց հեքիաթին վրայ անոր անճարակ պատանութիւնը մտմտալ ու երազել էր միայն կրցեր, հիմա, սա պահուն, կը ստանային իրենց ծանրակառոյց իրականութիւնը։ Ան ի՜նչ պատմութիւն էր, որ հակառակ կէս դարու մը կեանքին, կը պահէր դեռ իր թարմութիւնը եւ որուն մէջ իրենց թաղէն գեղահասակ երիտասարդ մը, միս-մինակը չափեր էր Պրուսայի փողոցները, դանակը ափին, բանտէն փախչելէ [111] ետքը, առանց աճապարանքի, առանց դեդեւման, հազարով հետապնդողներու հայհուչին դէմ անսասան, ա՛յնքան՝ որ վալիին կինը զմայլած, միջամտեր էր քաջութեան այս անկարելի ցոյցին եւ ազատեր էր հալածանքէն իր երեւումովը ամբոխին։ Վազեցին իր բերնին ջուրերը այս տեսարանին ետեւէն։ Ու այս ճամբով կիները զգլխող նման տղոց առասպելական, անհաւատալի պատմութիւնները կը հագնէին իրենց ամբողջ կշիռն ու դառնութիւնը անոր համբակ, տիրացու ուղեղին առջեւ։ Երրորդ ու վճռական անգամն ըլլալով անիկա ամչցաւ իր մարմինէն, որ աննշան, «պտիկ մը» բան էր անոնց առնութեան մօտ դրուած։ Ինչո՞ւ նայեցաւ, շօշափելու չափ սերտ, իր դնդերներուն։ Անոնք չունէին դեռ նոյնիսկ բաւական կծիկ ու կարծրութիւն, յաղթելու համար հողին, ուր զառածած էր զինքը աղէտը հայրենի տունին։ Գեղի տղաքը կ՚արհամարհեն արհեստը, երբ անիկա չէ հողինը։ Ունեւորը կը պատրաստուի աղայութեան, այսինքն՝ տոկոսի, խոզակի, ձէթի եւ ձիթապտուղի մեծ հաշիւներուն։ Ասոր համար էր, որ անոր տրուեցաւ աւելի երկար մնալ դպրատունը, որ տղաքը կը կնիկցնէ քիչ մը` յամեցողին շնորհելով հազիւ տիրացուի, տէրտէրցուի սանկ եղկ հասակ մը, երկար վարտիքին մէջ, կակուղցած ու կիսերանգ, մինչ տարեկիցները կանուխէն նետուած հողին մարզանքին, կ՚առնեն-կը քալեն, շուք տալու չափ շուքի չափ սա տղոց, կ՚աղուորնան ու դէմէն կը քաշեն կիներու սիրտը։ Ցաւոտ վրիպումն էր անոր մէջ գիտակցութիւնը իր կասած աճումին։ Գուցէ հօրը արիւնը կը միջամտէր այդ արդիւնքին։ Բայց զգաց, որ կը ճնշուէր ներսէն։ Ու իր կողերը քիչ կու գային այդ մղումը պարտկելու։ Յուսահատ, կատղած։ Անդրադարձաւ հոգիին ալ գաճաճութեան։ Ու կործանած բեկումով մը, ուր արցունքէն աւելի լեղի էր բան մը չըրած տղու մը անցեալին հեղումը իր մէջ, խորհեցաւ իր ընկերներուն, որոնցմէ շատեր, զանազան առիթներով, տուած էին փաստը իրենց արիւնին խենթութիւններուն։ Դեռ անցեալ Զատկին, անոնք հրապարակ դրած էին երկաթը իրենց բազուկներուն, ու լայն ձիւնահիւս վանդակը իրենց կուրծքերուն, հարսնցուներու հիացիկ աչքերուն առջեւ` վազեցնելով անոնցմէ ջուր ու անանուն բաներ։ Մռայլէն, տժգունութենէն դուրս ցայտելու եւ գեղին մէջ մէկը դառնալու, ուրիշներուն բերանին, գուցէ սիրտին անցնելու սա առաջին ճամբաները, մկրտութիւնը կու գան ըմբշամարտութեան մրցանքներէն։ Հոն է գեղը ամբողջ, երբեմն կէսը, միւս կէսին դէմ, երբեմն դրացի գեղերուն դէմ։ Հոն է կարգը կիներուն, տօնական պճնումով, հերկուած խորունկ բաներէ, երբ կալին մէջ երիտասարդին գրեթէ մերկ մարմինը, արձանէն աւելի գեղեցիկ, լոյս կ՚արձակէ իր հանդարտ գնացքէն, բայց որուն վրայ դնդերները փոթորիկի մը նման կը գալարուին անոր միսերուն ծովէն, երբ գուպարը զարգանայ եւ մարմինները հիւսուին իրարու, երբ կուրծքերը խորանան ու ճերմակ կռնակներուն վրայ մատերուն հետքը արեան պսակներ բոլորէ [112] ։ Ան ի՜նչ կրակ է, որ կը հանէ տարիքն առած մարդերը իրենց շարքէն, կը նետէ կրկէս, չափուելու համար քարի կտոր երիտասարդին դէմ։ Ու կ՚անցնէին անոր առջեւէն յաղթական տղա՛քը, արիւնոտ ու ատով աւելի՛ գեղեցիկ, իւղազօծ ու փափկացած ներքին յուզումէն։ Ի՞նք։ Աղջի՞կ թէ տղայ՝ հոգի՛ն, զոր կը կրէր խորը իր ոսկորներուն։ Ու զզուախառն ամօթով ինքզինքը տեսաւ երկու տարի առաջ, երկար, գրեթէ ոտքին կոճերը շոյող վարտիքին մէջ, որ իր եւ նման տղոց համազգեստն էր եղած ալ, ու կը զատէ զիրենք բնութեան ազատ զաւկըներէն, ամէնն ալ՝ դրած իրենց զիստերը կարճ կտաւին մէջ, որ հազիւ կը մօտենայ ծնրոսկրին, ամէնն ալ իրենց մէջքին աւելցուցած երկու թիզ լայնութեամբ գօտին, տունի մը հասակէն աւելի երկար։ Ո՞վ էր յօրինած տէյպատան [113] այդ տարազը։ Բայց եկաւ մտքին ցաւագար պատկերը վարժապետին, վարժապետցուին, տիրացուին, կնազգեաց ու փոքր հարուստի մանչերուն, որոնք իրենց վարտիքներուն աղերը [114] կը ձգէին մինչեւ կոճերը, կարծես խորհրդաւոր հանգիտութիւն մը պահել ջանալով կիներու փէշին։ Չէ՞ որ ինք այդ ատեններուն ժամ ու ժամկոչ, մաս ու բուրվառ հոլովող տղայ մըն էր։ Ո՞վ չէ եղած ատ տղան։ Հակառակ բարքերու փոփոխութեան ու հաւատքի չորացումին՝ մեր եկեղեցին դեռ շապիկ կը հագցնէ վաւերական անհաւատներուն անգամ։ Ձին խրխնջեց։ Ու սլացիկ անոր ձայնին մէջ խոշոր վազքեր կը ծրարուէին։ Ո՞ւր էր իր ձին, սեպհական, ընտանի, ընկեր իր ձին, զոր պիտի գգուէր ամէն տղայ, գուցէ աւելի սրտանց, քան պատկեր իր նշանածը։ Որ զինքը թռցնէր պիտի մարզէ մարզ, կռիւէ կռիւ, հովին հետ ու հովու պէս, պլլուած բաշերուն։ Որուն մերկ քամակին վրայ իր ոսկորները քար, երկաթ դառնային պիտի, ծեծուելէն ու ծեծուելէն։ Ո՞ւր՝ վեցհարուածեանը, որուն կոթ-գլուխը դուրս հովէր պիտի իր գօտիէն ու պատկառանքի կանչէր հայն ու թուրքը, տարեկիցն ու փորձուած անունները գուպարի ախոյեաններուն։ Ո՞ւր երկփողեանը, որ անոր ուսը պիտի աճեցնէր ու պիտի փորագրէր հոն լեռներուն խորհրդանշանը, ժայռէն ու անդունդէն, գէլէն ու գազանէն աներկիւղ տղու պսակը։ Ա՛ն՝ որ իր կռնակին վրայ, մախաղին հետ դունչ դունչի՝ քիչ մը խակ արիւն, հում միս, վառօդի բարկ հոտ իրարու պիտի շաղուէր ու ստեղծէր, պարտադրէր, հիադրէր պատկերը գազաններ նուաճողին։ Ո՜ւ՝ ծաղկանկար չուխան, խղդուած մետաքսին ու գոյնին մէջ, որուն վրայ նշանուած մատները իրենց մութ, խորունկ, կակուղ համերէն բան են թափեր, եւ որ կապարի, հալած կապարի ոստոստուն հեղեղ մը կ՚ընէ տղոց մարմինը, երբ ձի կը թռցնեն կամ դանակը բարտելով յարձակումի կը մտնեն։ Ու քէֆիյէ ները ու մետաքսէ շապիկները, սրմա սալթա ները, որոնց ոսկեհիւս վանդակին մէջ կուրծքը, [115] ըսել կ՚ուզեմ՝ սիրտը գողտր կը դառնայ հարսի մը երեսին նման, երբ այդ տղաքը, յաղթանակէ դարձին, սուրը խածած իրենց ակռաներուն մէջ, մատերուն ճեղքերուն դաշոյնները զետեղած տարօրինակ ու զարհուրելի աշտանակներու նման, առջեւնին պոռնիկները, կը բռնեն վտանգաւոր պարը սուսերներուն փողոցներու խաչաձեւումին, ազատ, առատ, հերարձակ, խենթենալով, խենթեցնելով, մինչ իրենց դէմ տիկը կամ զուռնան կամ հնօրեայ երգիչ մը օրուան պատահարը կը յաղթերգեն, կը դափերգեն, մռայլ կամ զուարթ, դանդաղ կամ թեւաւոր, սխրալի, որոտընդոստ խազերու [116] անձրեւի մը տակ, շիշտելով (շիշէ [117] անցնել), խարուկելով «պուղում պուղում» (ճենճերը՝ շոգիացած) սա տղոց արդէն բռնկած սիրտերը։ Մտապատկերներու այս հոսումը կանգ առաւ մէկէն, վասնզի անիկա տարուած էր թափօրներուն գերագոյն իրականութիւնէն, որ ալիքն էր երգին եւ իր ալ գերագոյն զգայնութիւնը [118] ։ Ան մոռցաւ ինքզինքը, պատկերին ընկերացող թափօրը, կատղած այդ տղոց կատղած գեղեցկութիւնը, ինչպէս պոռնիկներուն շինուած, լիրբ, խռովիչ կաքաւը։ Այդ ջնջումէն կը զատուէր միայն երաժշտութիւնը, անդիմադրելի այն մեղեդին, որ կը նուաճէր գեղին, խելօք լիճին շուրջը թառած բոլոր միւս գեղերուն ողբերգութիւնները, ուտելով իր լուծոյթին մէջ սէրն ու մահը, հալելով ցաւն ու հեշտանքը, նոյն կախարդ քուրայով դուրս բերելու համար զանոնք կրկին, այս անգամ թեւ տուած՝ անոնց գետնաքարշ ծանրութեան, ծիրանի, ճառագայթէ շապիկ տուած՝ անոնց յօշոտուած անդամներուն, ու կապոյտէն ու ձիւնէն մարմին ճարած անոնց տրամներուն, այսինքն՝ զգացումը արձանացուցած, մասնաւորած, պիտակած [119] ՝ այս ու այն ձեւին ու պատկերին տակ, այնքան ճարտար, որ տեւէին ձեւերը, երբ զանոնք հագնողները փտէին հողին ծոցը, այս ամէնը՝ հզօր, տախտապարող, փոշիացնող ուժգնութեամբ սիրերգութեանց վրայէն, ա՛յնքան՝ որ երգողին չափ կը սառէր մտիկ ընողը, կ՚առնուէր, կը գամուէր պատահական անցորդը իր կրունկներուն, ինչպէս պատուհաններուն ետեւէն գողունի տրոփող աղջիկները։ Կ՚ելլէին իրենք իրենցմէ, դէպի յիմարութիւն՝ բոլո՛րը, [120] դէպի ոճիր, սպանութիւն, նուաղում կամ անձնատուութիւն։ Ձայնին եւ սպանդին այս աղերսը նոր է, որ մեկուսացած է պատերազմին դաշտերէն իբր հետեւանք կռիւին ստացած մետաղեայ նկարագրին։ Հինին մէջ անիկա կռուողը կրկնապատկող, արիւնը քառապատկող, [121] բնազդները բիւրապատկող ուժ մըն էր։ Ձայնին այս թափը, այդքան հեռուէն բռնացաւ անոր ուղեղին, նիւթացաւ ու, առանց անդրադարձի ատեն տալու՝ բացաւ անոր շրթներուն կապը։ Դուրս թափուա՞ծը։ Աւուր պատշաճի յիմար շարակա՜ն մըն էր։ Անհուն եղաւ իր տրտմութիւնը։ Ան հազիւ խորհեցաւ Աստուածածնայ Կիրակիին, քանի մը օր առաջ, երբ կ՚երգուի հռչակաւոր Ճաշուն, «Անթառամ ծաղիկ» ը, որուն ջերմ, երկարուն, գինով մեղեդին վաւերագրում մը կը բերէր ամէն մատաղ տիրացուի, դէպի առնութիւն ճամբայ սկսած, երգին մէջ խառնելու արտօնող՝ պատանին, սեռը, առքը, սարսուռը։ Ու գտաւ ինքզինքը տարի առաջ, տարիներ առաջ։ Երգած էր շարականը ողնուղեղէն ջերմացած, սիրտէն լայնցած, բայց ուղեղէն, աչքերէն՝ պղտորած։ Երգը կը ծաղկեցնէր անոր ձայնը, որ սա րոպէին յարութիւն կ՚առնէր անցեալէն անկոչ, գեղատեսիլ, խռովիչ հիւրի մը նման, զարնող սենեակիդ մենութեան ու տակնուվրայ ընող քու լռութիւնդ։ Բայց տրտում էր այս վերադարձը ու, մա՛նաւանդ անկարող՝ իր ետին բերելու տղու անպարագիծ խաղաղութիւնը։ Ինչո՞ւ ցաւեցաւ այսքան խոր, իր մէջ գտնելուն, հաստատելուն՝ ժամուն տղա՜ն, երկար [122] վարտիքով, թիզէն ալ պակաս գօտիով. պատանի՛ն՝ անխելք ու անկշիռ, որուն արգիլուած պիտի մնայ դուրսի, դաշտի, լերան տղոց բազմախռով, բայց այլապէս յանկուցիչ ասպարէզը։ Ու անշրջագիծ անոր անձնաւորութիւնը [123] զսպուած կ՚ըլլար ուժին հմայքէն ու ձայնին ձգողութենէն հաւասարապէս։ Բայց անցեալը անգամ մըն ալ յաղթանակեց։ Ի՞նչ է վերջապէս գիշեր մը կնիկը, երբ մօտը դրուի մեր պատանութիւնը շինող տարիներուն, որոնց ամէն մէկ ներտին մէջ մեր ջիղերը կը թաթխուին, ինչպէս մեղուի մը բողկուկները եւ կը պատրաստեն մեր մեղրը, այսինքն՝ մեր հոգիին կաթը, կաթիլը, ա՛ն՝ որ անտես միւռոնի մը նման պիտի զգացուի մեր ներսէն դուրս, պիտի փայլի մեր ճակատին ու պիտի դողդղայ նոյնիսկ մեր քայլքին ետեւէն։ Պարտուեցաւ անիկա ու կը շարունակէր դառն թուլութեամբ մը շարականին տողերը, որոնք մէկ երես միայն ունէին, ան ալ անգայտ բոլորովին, պարպուած այն իմաստէն, որ դարեր առաջ ծրարած, խտացուցած ըլլալու էր անոնց մէջ հեղինակը, ով գիտէ ո՛ր սրբուհիին կաթին տարփահար, ո՛ր կնիկին ծոցէն բռնկած, ո՛ր երազին շղարշին մէջ իր վանականի մռայլ տարփանքը վարշամակած ու, մարդերէն յուսաբեկ՝ նետուած Աստուածամօր տարփանքին։ Ու բառերը կը ծաւալէին իբր ձայնական իրողութիւն, կը լուծուէին պղպջակի պէս, բայց կը դիմանային նոյն անհուն քաղցրութեան վրայ, որ կազմած էր անոր պատանութեան հանրահռչակ հմայքը՝ հազարաւոր հոգիներ կախած անոր շրթներէն ու անոնց ներսը կահաւորած, ջահաւորած երկնային, լալագին, խորունկ պահեր, տաղաւարը ընելով այրուցք եւ իրաւ, ու հաւատքը, Աստուածը, ասոր մայրը ու ասոնց կապուած անըմբռնելի բանը, խորհուրդը, ահը, վստահանքն ու սարսափը ջերմ, գրեթէ շօշափելի հեղանուտի մը նման սիրտէ սիրտ առուակելով։ Չկրցաւ ազատիլ զառիթափէն։ Յոգնութիւն, հանգիստի պէտք, ներկայէն փախուստ, ո՛րը որ կ՚ուզէք։ Նստաւ, [124] կռնակը ծառին…։ Ահա պատանի անիկա, տասնչորս, տասնհինգ, ու դպրոցական։ Ու դպրո՛ցը՝ նեղ, մութ, խարխուլ, գետնայարկ ու սենեակ։ Ու անոր մէջ նոյնքան մութ, նեղ, խարխուլ ու բարձրայարկ, վարժապե՛տը, երկու ձողի վրայ բռնուած, փակցուած, կուրծքէն փոսով մը, քալող, կրծուած խրտուիլակ, տարօրինակ կերպով յիշեցնելու թէ՛ իբր պատկեր, թէ՛ իբր ճակատագիր՝ իր նախորդը, անոր նման դէմի գեղէն։ Կա՛ղ։ Լուսարար, երաժիշտ, խեղճ։ Որուն ձայնը տարօրէն քաղցր տրտմութիւն մը կը ծորէր, մածուցիկ ու էգ, բորբոսած պատերէն բխող ծաղկումներուն նման նամէտ ու սողոսկուն, գրեթէ ըլլալով, կրկնելով շեշտը մեռած իր կնկանը, տարիներով հիւանդ, մինակ կաշի ու ոսկոր, բայց ոտքի, ուրուականի պէս անհամաչափ, թաղած ըլլալուն՝ իրարու ետեւէ իր հինգ տղաքը, նոյն անհասկնալի ցաւով, ապրած իր ցերեկները գերեզմանատան մէջ, ողբալով անընդհատ լայն, անընդմէջ, անողոք ողբը մարդերու ցաւին, չհասկնալով սա աշխարհը, անոր օրէնքները, երջանկութիւն կոչուած պատրանքը եւ օր մըն ալ իջած հողք, շունչը վրան գրեթէ հող դարձած, իր տղոցը կուշտին, տարածելու իր անմուրատ սիրտին կրակի պէս բուռն կտորուանքը զաւկըներուն փսորին, կտակով [125] յանձնելէ ետք գովքին շարունակութիւնը իրմէն աւելի հիւանդ, աւելի կրծուած, միսի տեղ լաթէ լարուած իր էրիկին, կաղ վարժապետին։ Երեք սերունդ մեր դպրոցը այդ գեղէն ու այդ ընտանիքէն բերած իր վարժապետը այսպէս պիտի թաղէր` արմնալով [126] Աստուծոյ հաշիւներուն։ Ղարիպ, վախկոտ այդ ընտրութիւնը տեւեց ինձմէ ետքն ալ, մինչեւ որ բռնապետութիւնը սանձեց գեղին բռնակալները եւ վարժապետին [127] կամ տէրտէրին վրայ իրենց հակառակ բնազդներուն պարպումը փնտռող միջ-գերդաստանեան պայքարները վերջ գտան։ Այն ատեն` Սողոմը կը նեղուէր այդ գովքերէն, որոնց թախիծը երկար, ինչպէս աշնան անձրեւ մը` կը պարուրէր, քրտինքի մը պէս, սլացիկ անոր հոգեթեւերը, ձայնին լարերը խոնաւելով։ Ցաւի այս ուրուացումէն ինչպէ՞ս անցաւ միտքը միւս, մահուան ցաւին, զոր զգացեր էր առաջին անգամ, երբ հայրը թաղեց ու գիրկն առաւ մայրը, լխկած, քուրջի կտորի մը պէս, որ նուաղեր էր վիշտէն։ Ու, ո՜վ իմաստութիւնը մեր ջիղերուն։ Ինչո՞ւ այդքան խոր ապրուած այդ ցաւը հիմա կ՚ըլլար այլուրային ու հզօր, շատ աւելի` քան կ՚ըմբռնէր այն ատեն, շատ տարբեր` ուրիշներով տեսարանուած պատկերէն, վասնզի մահը ամէնօրեայ երեւոյթ էր։ Ու տարբեր` դարձեալ իր սեպհական փորձառութենէն, որ դիմացեր էր թաղման ամբողջ կարգին մէջ, հօրը վրայով եւ որ չէ՜ր [128] իջած անոր ոսկորներուն, ինչպէս կ՚ըլլար ասիկա, հիմա, յիշատակի մը ալիքին ետեւէն։ Կարծես անոր հոգիին վրայ նոր դուռներ, նոր ճամբաներ փորուէին։ Զգաց, բայց իմաստուն չէր բաւական այս թափանցումը լծորդելու, պայմանաւորելու կնոջ մը ծոցին։ Պարապ տեղը չէ, որ գերեզմանին մէջ զաւակ մը չունեցողը տղայ կ՚որակէ գեղացին եւ կը զլանայ անոր մարդու, այսինքն` տառապանքին մէջ կայծքարուած մարդու գերագոյն դրոշմը։ Պարապ տեղը չէ, որ զգայութեանց գերաճումներուն մէջ, որոնք տակնուվրայ կ՚ընեն մեր այնքան խախուտ հաւասարակշռութիւնը, սեռայինը այնքան յաճախ կ՚առաջնորդէ մահուան։ Օրանն ու գերեզմանը նոյն փորուածքը ունին մարդոց կողերուն տակ։ Կարծես ամէն գիրկ դագաղ մը ըլլար մեր կուրծքին վրայ ու ամէն սեռային ցնցում` փոքրադիր մահ մը, քայքայում մը, առաջ եկած` մեր բիւրաւոր, փոքրացած եսերէն, որոնց համախմբումն է սերմը, գարշութիւն ու կեանք, արիւն ու երազ նոյն ատեն։ Սեռային հաճոյքին հակադիր երեսը յստակ պապակ մըն է մահուան, քաղցր անդոհ մը, որմէ կը վախնանք, երբ հեռու կ՚անցնինք, բայց որուն հետ աւելի հաշտ ենք կնոջ մը ծոցէն։ Ներքինին անգութ է, վասնզի չի զգար մահը եւ, հետեւաբար, կեանքը։ Բայց հոն էր վարժապետը, սիկարը քաշած ատենը հորի մը մուտքին պէս խոռոչելով իր այտերը։ Անոր անուշնալը իրեն հետ, երբ ձայնը գտաւ առաջին խոր խռովքները, մանկութեան անգոյն, միապաղաղ հնչականութենէն յետոյ։ Ի՛նչ գուրգուրանքով տաղաւարներուն կը հսկէր անիկա Սողոմին ձայնին, որ կ՚ենթարկուէր բացառիկ խնամքներու, հաւէն նոր ելած տաքուկ հաւկիթի, կաթի` կովէն նոր կթուած։ Սեւեռեց ան իր միտքը, գրեթէ բռնի, վասնզի աչքերը խուփ էին գրեթէ, աւելի ուժով տեսնելու համար ներքին այս տեսարանումը։ Զարմացաւ, որ փափկութեան, գորովի զգայութիւն [129] միայն արթննար [130] իր մէջ վայրագ այդ մարդէն, երբ խստութիւնը, ծեծը, ուրիշներէ կրած արհամարհանքէն բիւրեղացած դառնութիւն ու լեղի, ու կանանչ կը շինէին դէմքը անոր, ինչպէս բոլոր վարժապետներուն։ Անկողինն էր հիմա, վերը, մահուան լարուած ժամացոյցի մը նման, խեղճ մարդը, ինչպէս պատմեր էր հաճի Աննան, աման մը մածուն ղրկելէ եւ տեսի երթալէ ետքը Աստուծոյ հիւանդին։ Մեղմ` Սողոմին հետ տէրտէրը նորէն, տէրտէրները, որոնք իրենց պատարագէն նշխարքի անոր բաժինը չէին մոռնար։ Ու աւելի մտերիմ, տաքուկ մանրամասնութիւններ, կնիկի մը մեղմ ափը` իր այտերուն, հարսնուկի մը խոր հայեացքը` իր աչքերուն, սգաւոր հօր մը յուզիչ խանդաղատանքը, օրհներգը, սփոփուող հառաչանքը` իր ձայնին դէմ, որոնք անսպասելի ըլլալնուն չափ ալ անմեկնելի, կը ծագէին, առկայծ իրականութեամբ մը, կը փայլէին, կը դիմանային, ջնջելու աստիճան սա գիշերը եւ անոր կնիկը, անոր մէջ պահ մըն ալ դիմացնելու համար այն հրաշքը, որ պատանութիւն կը կոչուի` արբունքէն [131] անմիջապէս առաջը, անվերադարձ կորուստէն առաջ, անգամ մըն ալ լուսաւորելով, մանկացնելով, անխառն ոսկի ընելով մեր հոգին, ձգուած հասողութեանն ու ժանիքին` բոլոր սեւ բաներուն, ժանգին ու թթուներուն, ամէնէն շատ կնոջ մը ծոցին։ Անո՞ւշ, լեղի՞, աղուո՞ր` այս բոլորը։ Դիւրին չէր վճռելը։ Վասնզի պատկերները, իրենց կտաւին ու երանգին այլազանութեամբը իրար հերքող իրենց յաջորդութեամբը, իրենց անձնացումին մէջ երեւան բերած սանձարձակութեամբը պատմութիւն չէ, որ կը շինէին, այլ` կեանքը, եղածին, հոսածին [132] պէս, իր պատահական քոլորի ով, եղեամով ու շաղովը, խենթ կամ խելօք, երբ դիտենք բարոյականին ակնոցովը, աղկաղկ ու լոյծ, երբ դնենք սեռին նժարին։ Ան իր պատմութիւնը չէ, որ կը վերակազմէր եւ զայն փոխանորդողը, այսինքն` այս տողերուն շարադրիչն ալ չի փորձեր նման ձեռնարկ մը, սանկ կոկիկ, ամփոփ, սովորագնաց կեանք մը պատմելու, ուր ախորժ զգայ ամէնէն շատ տրամաբանող, կարգ ու սարք հետապնդող մասը մարդերու մտքին։ Կեանքը` չափուածին պէս, գաւաթդ` առածին չափ, թունդ կամ քաղցր հեղուկ, որուն ուզես կը մօտենաս, չուզես կը թքնես։ Մոռցա՞ծ էր, թէ ձայնական զգայութիւններու հանդէս մը կը շրջապատէր բոլոր բխումները, որոնք տեսարան կը մտնէին ու կը զարմացնէին զինքը։ Ինչո՞ւ չհասկցաւ, որ եկեղեցին այս ժողովուրդին բոլոր տղոցը պատանութեան մեծագոյն աւազանն էր մինչեւ կէս դար առաջ, ինչպէս` անկէ յետոյ` ուրիշ պատկերներ` ուրիշ մարդոց։ Այսպէս, մենք նորերս, կենսամասեր, գօտիներ ունինք մեր ներսը, որոնք կ՚անուանադրեն, մէկ կոչումի տակ, անհուն զգայութիւններ։ Հարիւր գիրք անբաւական պիտի գար ինծի համար պատմելու յատակը այդ առաջին պատանութեան, ուր կը վախնամ հիմա ջիղ երկարելէ, այնքան անոր մռայլ բացաստանը կը նմանի արեւադարձային անթափանց անտառներուն։ Բայց ստոյգ է, որ ինծի պէս ամէն մարդ կրնայ պիտակ մը փակցնել այդ անտառին մէկ ճակատին ու բաւական զգալ ինքզինքը։ Այսպէս, մէկուն համար կեանքին առաջին արարը հացն է, այսինքն` անոր անձուկը, անոր բացակայութիւնը իր տախտակէն, զայն երազելու, ունենալու անհուն ըղձաւորումը, ցամաք հա՜ցը նոր լուսնակի մը նման եղջերաձեւ կտրուած, որպէսզի աղուոր տեղաւորուի մէջքիդ, հոն մտնելէ առաջ սանկ անգամ մը տաքցնէ քեզ, նուաճէ կարօտդ։ Ուրիշին համար գուցէ դպրոցն է տաքուկ վառարանի, կակուղ մուշտակի, երաժիշտ կրկնակօշիկի համախառնուրդ պատկերին մէջ, որուն կեդրոնը մանկամարդ օրիորդ մը, թարմ մամայէն աւելի, [133] կը ժպտի իրեն եւ կը սիրէ։ Ուրիշ մը զայն պիտի տեսնէ լիճէն` անոր փրփուրին մէջ խաշելու դրուած միսի մը նման, ուր ձուկերուն հետ անցուց իր կազմաւորման բարակուկ տարիները։ Ու բոլոր փառքերը, ինչպէս բոլոր արցունքները, կեանքին սանդուխին բոլոր աչքերէն, աննման` իրենց երանգով, բայց նոյն իրենց խմորէն, մեր բոլորին այդ տարիները…։ Սողոմին համար կեանքը կը սկսէր ժամէն։ Ու անոր խորագոյն յուզումները կը մեկնէին անոր խորաններէն, եղանակին եւ օրին համեմատ արքայութիւն ու դժոխք, մռայլակոծ ատեանէն, երբ ամբոխը աղօթքէն խթանուած կը կործէր ինքզինքը հողին ու կը հեծկլտար, արքայութեան հետ շփոթուելիք [134] բեմէն, ուր շուրջառներու մէջ ձեւեր, մոմերուն սլաքներով կոծուած նկարէն ժպիտն ու լոյսը, երկինքն ու անհասը կը ծլին ու կը ծաւալին, կոյր պատուհաններէն, որոնք կապարէ գորշ տախտակներ կը կտրտեն ժամուն ճերմակ պատերէն, խարզած [135], խոնաւ, անձրեւոտ լոյսէ մը երիթացած։ Պզտիկ, մութ տղայ` ինք այդ բոլոր կէտերուն վրայ, որոնք մինչեւ հիմա կը պահէին թարմութիւնը իրենց սկզբնական գիծերուն։ Ու այս բոլորին վրայ իր ձայնին զգլխանքը, ոչ [136] ձայնը, գրեթէ անկախ իրմէն, որ կը յորդէր` ինչպէս ոգի ընդունող իւղին կարասները, ու կը փոխէր իր քսուած բոլոր երեսները։ Ու ժամուն կապուած ուրիշ աւելի խռովիչ յուզումներ, խոր, նուաստութեան մէջ իրենց տկարութեամբը վիրաւոր։ Երբ` մեղքէն ետքը, քաւութեան համար ճակատը կու տար պաղ խաչքարին, ուրկէ Աստծոյ ահը կրակէ թելի մը պէս կ՚ոլորուէր դէպի խորերը իր ուղեղին։ Անիկա, գրեթէ համերանգ սարսուռով ապրեցաւ, սա արեւոտ կէսօրին, ահաբեկ ու դժուար պահերը իր պատանութեան, մեղքէն գրկուած [137] ու քաւութեան անարժան, անասելի զգայութիւններ, որոնք կրօնական խորախորհուրդ երկիւղով մը առեջուած [138], անոր` ինչպէս բոլոր տարեկիցներուն այդ տարիները վերածեր էին այլանդակ ու անբացատրելի մղձաւանջի մը։ Կը յիշէր, թէ ինչպէ՛ս լեռը գացած, բլուրներ բաժնուած էին երեք-չորս հոգի, խոտ ուտելու բարբարոս որոշումով, ճգնելու սկսած տասնչորսին սկիզբէն։ Փարթամ ու հոյակապ մեղքերով պարարտ այդ գեղին վրայ հազուադէպ չէր տեսնել յառնումը մատաղատի անապատականներուն, անուս ու կովարծ, որոնք ձգելով իրենց նախիրը կ՚իջնային գեղ, կէս-խենթ ու ապուշ, ու կը պատմէին մօտեցող արքայութիւնը։ Ու մարգարէներ, առհասարակ սուրբ ու կին, տէրտէրն ու վարդապետը Զաքարիայի նման կարկամ լեզու ընելու կարող, պարզ անոնց մեղքերուն տախտակը բռնելով անոնց երեսին, սեւ, շարաւոտ [139], նեխած հայլիի մը նման, եւ որոնք տեսիլքէ տեսիլք, պատգամէ պատգամ կ՚ըլլային ահեղ ու անժուժելի, սպառնալով կարկուտ ու կոտորած, տարաժամ սատակ, կործանուող լեռներ, անհնարին, անըմբռնելի մահեր մէկ-հատիկներու վրայ, ցնցող օրհասներ, թատերական ներկայացման մը նման ընդարձակ դերասանաւոր ու դրուագառատ, որոնց մէջ բորբոսած մեղքերու կարասներ կը բացուէին, գեղին է՛ն հզօր գերդաստաններէն եւ որոնք անվրէպ ստուգութեամբ մը կը հարուածէին մօտիկ հասցէով։ Այս ալիքը տարափոխիկ ալ է։ Պարբերական կշռոյթով մը կու գայ, կը խորովէ ու կ՚անցնի լերան ետին` տարիներ ետքը իջնելու համար կրկին։ Ասոնց առաջացուցած հակազդեցութիւնը կը գտնէր ամէնէն առաջ դպրոցի տղաքը։ Ու մեղքին մէջ լողացող ամբոխը` հսկայ կարկուտով մը, կամ իր մակարդակէն սահող լերան մը քայքայումովը, կամ յիշուած աղէտներուն համանուագ ուժգնութենէն պահիկ մը զգաստութեան կանչուած, իր պզտիկներովը, կիներովը կը մտնէր ներհակ ընկճումին մէջ անոր, զոր ապաշխարանքը, Յովհաննու գիրքին եղերամայր [140] ընթերցումը, մոխիրն ու արտասուաթոր զղջումը երկինքին թաթին վերահաս զարկը կ՚առաջացնեն միամիտ հոգիներէն ներս։ Նինուէ՞։ Անշո՛ւշտ ։ Սոդոմն ու Գոմորը։ Ու Երիքովը։ Ու Երուսաղէմը։ Ու Անին ու Արծկէն։ Հոն էր Սողոմը, բոլոր զղջացողական համախմբումներու [141] ։ Գիշերային արտակարգ ժամասացութիւններ, հսկայ ու ծանր եկեղեցիին մէջ, որուն յղփացած, քրտնած, մեղքով խմորուն մութը հազիւ-հազ կը խարանուէր բորոտ բոցերէ։ Շնորհալին, այնքան իրաւ, պատէն ձգած իր պարկենք ը (պատկեր), հսկումի տաղերուն մէջէն [142] գլխիկոր, թրթռուն իր ժողովուրդին ամբարշտութեանը համար, քակուելով վանկ-վանկ, դիզուելով խորանն ի վեր, հաստ մոմի մը իբր մարմինը, զոր բոց մը ուտէր ուղեղէն ու ճուար, ճուար` Ամենակալին աջը հայցելու։ Ու գլխահակ ամբոխին վրայ, անոր խուլ մզմզուքին իբր շատրուանումը` գողտր թարմութիւնը անոր ձայնին, ոսկի, անարատ գրաւակա՛ն, երկինքը ողոքելու։ Կու լային մութին վրայ բոլոր աչքերը։ Պատուհանին զարնուող չղջիկ թեւ մը խուճապ կը ձգէր իր առասպելովը, սատանայի մանրուք [143] իր պատմութեամբը։ Ու կու լար ինքն ալ, իր երգէն աւելի, մեծ [144] այդ սարսափէն մամուկուած [145] ։ Ու ժամէն դուրս, դարձեալ բարեպաշտիկ ուրիշ համախմբումներ, մասնաւոր տուներու մէջ, աւելի չուառ, աւելի կործանած։ Քանի՜-քանի՜ հեղ, դողալով, որովհետեւ վախնալով, երթալ չուզելով, բայց մերժել ալ չկրնալով իր հօրը անհուն բարութիւնը վիրաւորելէ զգոյշ, ան գացած էր իր ձայնին «թեւը », հրեշտակի թեւը տանելու կիներուն աղօթքներուն, որոնք անոր վրայ ամբարձիգ [146], պիտի ճամբորդէին Ամենակալին ոտքերը մինչեւ ու կակուղցնէին մեր արցունքին երգին մէջ խտացած բալասանովը մեր մեղքերուն ստեղծած կոշկոռը Աստուծոյ սրտին վրայ, մեր մեղքերուն կառուցած պարիսպը արքայութեան եւ մեր երկրին մէջտեղը։ Ինչպէ՜ս գլխակործան մեղաւորներուն վրայ ան կ՚արձակէր մեղեդին, առանց բոցի անհուն կրա՜կ, մա՛նաւանդ Հանգստեան կարգի շարականներէն, որոնք այնքան հզօր զուգորդութիւններ կը ստեղծեն Մահուան, մահերու, սիրելի չեղողներու եւ մնացածներուն [147] մէջտեղը, երկնքին հետ։ Այդ շարականներուն «վառ » փաղաղումը, պահին եւ ներքին վիճակին հետ նոյնաշաղախ թաւալումը` մեր եկեղեցիին հրաշքներէն [148] մէկն է։ Լաւ երգող մը դիւրութեամբ կը պատռէ նիւթին կարծր զրահը, մեզ կը հանէ մեր հոգերուն գձուձ պատեանէն ու կ՚արձակէ դէպի վերերը։ Ու անիկա բոլորէն կը քակէր, հոգիին իբր աղտը, ձիւթի մը պէս լպրծուն մեղքը հոգիներուն։ Այդ անձրեւին տակ, հսկայ ու փարթամ այդ մեղաւորները, դագաղին ետին գլխիկոր կու լայի՜ն։ Ու անոր մեղեդին, նոյն ատեն կը դառնար համատարած աղերսանքը, ծանօթ եւ հազար անգամ յեղյեղուած իր բառերով, որոնք կը բուսնէին ամէնուն շրթներէն, բայց կը հալէին Սողոմին ակօսին մէջ, նիւթանալու, տեսանելի ըսուելու չափ։ Ու ինչպէ՜ս, պառաւներուն ա՛լ չորցած խորքերէն, խոնաւ ու փրթուճ լացեր սղոցի մը ակռաներէն կարծես անցած, թաթխուած դժոխքի կուպրին, ուր իջած էին ձայնին ոլորքին կախուած, ու ծանրաթեւ, կը պտտէին սենեակին մէջ, զարգացնելով, եռուն եւ խժան ընելով սարսափի դաժան մղձաւանջ մը, համակիչ ու անճողոպրելի։ Ու կը մտնէր ամէնուն հետ ինքն ալ, զարհուրանքի նոյն բզզիւնին մէջ, այդ օրերուն, սրտէ մը աւելի անմեղ իր սրտովը։ Ինչե՜ր կը ծածկէին իրենց խորը, այդպէս բզիկ-բզիկ գալու համար, այդ մարմինները իրենց խենթեցած սարսափին իբր պատճառ։ Ո՞ր, ո՜ր մեղքը մեզ կ՚ընէ այդքան եղկելի, այդքան ստոր։ Ու նոյն այդ զարհուրանքին մէկ փայլակէն, հիմա` հասուն պատանի, նոյնիսկ երիտասարդ` ան ունեցաւ խելամտումը, հաղորդումը հասարակաց վախին... ։ Ան կը դառնար տուն, սադայէլէն շամփուրուած այդ հաւաքոյթէն` դողոտ ու հալածական։ Արդար, խաղաղ, աստուածազգեաց իրենց տունը հազիւ կը մեղմէր, քանի մը օրէն, ջիղերու [149] այս դժնդակ շարժը։ Ձին խրխնջեց կրկին։ Վարի ճամբէն կ՚անցնէր Մագեկենց համբաւաւոր զամբիկը, վրան տանուտէր Մագոն։ Տարօրինակ կերպով իրարու կը նմանէին այս պատուական մարդը եւ լուսահոգի իր հայրը։ Յիշե՜ց։ Դառնաղէտ, կսկծագին, յանկարծահաս պատահարը, որուն ամբողջ եղերականութիւնը չէր ըմբռնած դեռ եւ որուն թափանցումը պիտի տրուէր իրեն մաս-մաս, բոլորովին ուրիշ մատեաններէ, ամէնէն շատ կիներուն ծոցէն, քանի առաջանար զառիվերէն, որ կեանք կը կոչուի։ Բայց որ, երկու տարի առաջ, բաւեր էր բզկտելու անոր հսկայ պատրանքը, ա՛ն` զոր իր «գիշերական հասեալ ժամուս» արարողութիւնները [150] հիւսեր, սեւառեջեր էին անոր ուղեղին։ Առաջին տարակո՜յսը։ Սուրբի պէս խելօք անոր հայրը, որ իր կենդանիին անգամ արգիլած էր անարդար շիւղ մը խոտի, որ իր տունին վերի յարկը, մեծկակ սենեակ մը սազեր, շտկեր էր ժամուն խորանին պէս, պատկերի, մոմի, [151] սեղանի, կանթեղի մանրանկար տեքորով մը, ուր գեղերուն ամենամեծ հիւրը, շերամն իսկ մուտք չունեցաւ եւ ուր շաբթէ շաբաթ սաղմոս կը քակէր եւ շարական կ՚ոլորէր, սրտառուչ հաւատքով եւ անկնճիռ միամտութեամբ, որ իր բերանը` ինչպէս միտքը, իր ձեռքը` ինչպէս իր սիրտը ձիւնէն ալ ճերմակ էր պահեր, որ կարճ ըլլալու [152] համար, մեր Սոդոմ-Գոմորի մէջ Ղովտի մը պէս ապրեցաւ, անշամանդաղ ու անգիտակ իր սրբութեան, կը կանչուէր տառապագին, անհանդուրժելի ըսուելու չափ լլկուած հոգեւարքի [153] մը։ Փռուեցաւ առջին անոր մահուան անկողինը, ուր երեք ցերեկ ու երեք գիշեր փորուեցաւ անոր հոգին, ասեղի մը գլուխովը ինչպէս աշխարհքին մեղքը դոյլ-դոյլ պարպելով մահիճը շրջապատողներուն քիթին ու բերնին։ Մեղքե՜ր` սարէն ու ձորէն, պատահած ուրիշներու գործարաններէն, յստակ ու պիտակուած, որոնք իրը կ՚ընէր երանելի մարդը եւ կը փսխէր։ Տուաւ անիկա հոգին այնքան դաժան դէմքի մը վրայ, որ սարսափէն փախցուց լացուորները։ Ինչո՞վ էր մեղաւոր հա՜յրը։ Անիկա ի զուր ջանաց հասկնալ Աստուծոյ մատը այս աղէտին մէջ, ու հօրը բաժինը` այս վերջաբանին մէջ։ Անշուշտ չէր կրնար ազատիլ դարաւոր ճնշումէն ու կասկած բանաձեւել։ «Առանց անոր տերեւ չի շարժիր» ը ժողովուրդի առած է։ Ան կ՚առնէ ու կու տայ հոգիները ու ինք գիտէ անոնց չափը։ Գեղացին տաղանդն ունի մեղքին իսկ իր Աստուածը խառնելու եւ հաշտեցնելու Անոր կամքը եւ նուաստագոյն զրկանքը թէ՛ իր խղճմտանքին, թէ՛ իր տէրտէրին նախնական, գեղջուկ քարոզին մէջ։ Երկինքին դէմ ըմբոստը` դժպհի է, անկարելի ըլլալուն չափ կարաւանին մէջը այդ մարդոց, որոնք խաչ հանելով կը կոտորեն իրենց թշնամիները։ Բայց կան բոլորովին կորածները, սատանային տրեխցուները, որոնք անփոխարինելի մեռելի մը գլխուն, բռունցք կը վերցնեն երկինքին դէմ, փոխանակ ափ բանալու եւ կը լռեն, պի՛շ, հարցական, իրենց թախիծին մէջ պարպուած` իրենց խելքէն` ինչպէս կ՚որակէ տէրտէրը։ «Ասաց անզգամն ի սրտի իւրում թէ ոչ գոյ Աստուած» ... քանի՜ հեղ երգած էր սաղմոսին ատ տունը, որ այցելեց կրկին հօրը մեռելին։ Թաղեց սակայն, ամէնուն պէս։ Այն օրէն, իր տեսածները հեռացուցին զինքը երկիւղած ու աստուածահաճոյ պատանիէն, ու օր օրի, ծուէն-ծուէն, բզկտուեցաւ անարատ շապիկը անոր հոգիին։ Ի՜նչ տուն էր ան, իրենցը, որ, այդպէս զարնուած գլխէն, կրակէ անցած մարագի նման սեւցաւ ու կղզեցաւ [154] ։ Գեղացին տարաժամ մահերը կը լծորդէ առօրեայ դժբախտութեանց ու կը մեծցնէ անոնց իմաստը։ Պակսողը կը դարձնէ տունին չարխ ը, ու մէկ տարին բաւ է, որ շէն ընտանիք մը կոտրի մէջքէն ու շիլլին ծուռ, իջնայ-կործանի։ Ինչպէս, իրարու ետեւէ, խօսք-մէկ ըրած աղէտները ափ առին անոնց տունը։ Ամէնէն առաջ սատկեցաւ սքանչելի երիվարը` տունին շնորհն ու, առատութեան, պէրէքէթ ին խորհրդանշանը, հօրը հոգին ու Սողոմին աչքին լոյսը, որուն նման մաքուր, պճնազարդ, խելացի անասուն չհասաւ անոնց թաղը։ Սատկեցաւ, առանց հիւանդ ըլլալու, աղբիւրին առջեւ, ջուրի երակ մը կախ իր շրթներէն, իյնալով ծունկերուն եւ ա՛լ չելլելով։ Սատկեցան զոյգ կովերը, երկու օրուան մէջ, համաճարակի մը զոհ։ Մեռաւ գրկանոց եղբայրը, առտուն տկար` իրիկուան չհասնելով։ Այս պատուհասները, զարմանալի արագութեամբ, կարծես տեսարանը պարապ չձգելու համար կարգադրուած` դղրդեցին անոր մօրը [155] հոգին։ «Ե՞րբ մինակ է եկեր ցաւը », ըսին անոր մարդիկ ու նայեցան իրենց գործին։ Բաղդատաբար երիտասարդ անոր մայրը ցաւագար, դիւահար բան մը եղաւ մէկէն, որ լալ անգամ չկրնալով, գլխեբաց կը վազէր գերեզման, կը պոռար էրիկին ու ձայն կ՚ուզէր անոր թաց հողքէն։ Մատ մնաց, որ խենթենար։ Գեղը կը ծանօթանար նոր-նոր ցաւերու, բոլորովին չլսուած գեղին տարեգրութեանց [156] մէջ, ուր ախտերը կը պիտակուին քիչ բաժիններով։ Դասական ախտաբանութենէն օտար այս հիւանդութիւնները ունէին հասարակաց նկարագիր մը։ Անոնք կը տեղաւորուէին գրեթէ բացառաբար մանկամարդ կիներուն փորը գեղացին չի ճանչնար արգանդը` դասական պաշտօնէն դուրս յղացքի մը տակ կարմրուկ հարսներ կամ դէպի դալկութիւն նրբացած, աւշային կիներ, մայր` երեք-չորս զաւկըներու, որոնք կը ճուային ժամերով թաղին վրայ, արդար[-] [157] մեղաւորի արմանքին դիմաց։ Անոր մայրը ամիսներով տառապեցաւ։ «Կը բռնէր» զայն ցաւը, առանց որոշ պահի։ Այսինքն` կը մթնէին աչքերը ու չէին տեսներ։ Կը նետուէր դուրս տունէն, հնդկահաւի պէս պոռալով անդադար։ Կը ճեղքէր գեղը, մարդոց արգահատանքին, վախին մէջէն, [158] կը հասնէր գերեզմ[անն]եր [159] ։ Կը փետտէր մազերը, զգեստին պոչերը, սիրտը լացուորներուն։ Կը դառնար տուն, փետտելու համար սիրտը դրացիներուն, ամէնէն շատը իր պզտիկներուն։ Ու եղերական բան էր տեսնել անոր հիւծումը, որ կ՚աճէ՜ր։ Տունը իր հիմէն անգամ կը թուէր ազդուած ըլլալ։ Սպառեցան, ինչ ալ արագ` պահեստը, հարսնութեան շարոցները, նեղ օրերու համար աս ու ան ծակը քուրջ ծրարիկով թխմուած արծաթ ու պղինձ դրամները։ Ծախուեցաւ, տարին չանցած` առաջին պարտէզը, աղջկան իբր օժիտ, դեղերու եւ բժիշկի ճամբուն ` դուռ բանալով ուրիշներու։ Այս ամէնը` պայմանադրական կանոնաւորութեամբ, սովորութեան մը պէս, որմէ չունիս ազատելիք, մինչեւ որ կաշիդ ու ոսկորդ ձգուին քեզի իբր չմաշուելիք առարկայ։ Ասիկա մարող օճախը չէ, որուն պատկերը այլապէս սրտառուչ, բայց իր անողոք ճակատագրականութեամբը կը լռեցնէ տունին ոգին։ Փորձուած ցաւ մը, գործաւորը այս շիջումին, որ կը սկսի առջինեկ զաւակէն ու մէկիկ-մէկիկ, գրեթէ որոշ տարիքի մը, կը զարնէ գետին։ Հազուադէպ է, որ տղայ ազատի այս աղէտէն։ Ամէնէն ետքը ծնողները կը փակեն իրենց ետեւէն դուռը իրենց տունին ընդմիշտ։ Սողոմենց տունը, երէկ բարգաւաճ, առատութեամբ ու բարիքով բաբախուն (գեղացին կ՚ըսէ զանգակի պէս կոտտուն [160] ), մէկ օրէն միւսը, ըսես, նստաւ մոխիրի վրայ։ Այս փոփոխութիւնը, գեղացին կը մեկնէ, երբ տունին հոգին պակսի անկէ։ Կարծես ելլող մեռելը չէ կշտացած աշխարհէն ու իր շուքը կը սառեցնէ եւ կը գամէ պատերուն ու առաստաղին։ Շատեր, անգամ մը զարնուած այսպէս ալ, այսինքն` առանց վերի ծանօթ ցաւին, ա՛լ չեն կանգնած` մղուելով մինչեւ հետախաղաղ կորուստ, օճախին քակուիլը, զանազան ճամբաներով։ Բերքին պակասը կը լրացնէ աղէտը։ Ու երէկ, անցած Զատկին, խաթուն տիկինը, որ պող-պող ապուրցուով կը մասնակցէր աղքատներու նպաստ հաւաքող մարմիններու, հիմա մութը կոխելուն, կը զարնէ օտարին դուռը, փոխ հաց ուզելու։ Բայց ասիկա հազուադէպն է։ Տղաքը ամէն մեռել, որ մատաղէ կէս երկվեցեակը պակաս չի ձգեր [161] անգամ մը վեց ու եօթնէն անցնելէն ետքը, կ՚աճին ի հեճուկս բոլոր հարուածներուն [162] ։ Հալին թող, մինչեւ անդրանիկին ժմնելը, ամբողջ արտերը։ Աստուած գիտէ իր ըրածը... ։ Պատկերներ չէին ասոնք Սողոմին մէջ, հիմա գործին գլուխը, ոչ ալ փնտռուած ու պէտքի մը հպատակ մտածումներ։ Բայց կու գային անկանոն ու կողմնակի, մա՛նաւանդ գիշերները, անվաւեր [163] տրտմութիւններէ վերջ, իր խուցին խորը, երբ կը դողդողար կարօտէն կամ կէս գիշերին, արթննալով իր խռովքէն, զոր կը բռնկցնէր Նալպանտենց հարսը, իր ծոցին թառած աղուընակի մը նման, փոքր, ոսկեգոյն ու իրաւ։ Երիտասարդութեան այս խուլ ցաւերը, տունին մէջ բաբախող էգ սա հոսումը, քանի մը պատ անդին անոր խորագոյն ըղձաւորումը, այդպէս գոյ, բայց անհուպ, կ՚ընէին զայն թշուառ, կործանած, նման յատակէն քակուած մութի մը, ուրկէ առնուած ըլլայ ընդմիշտ լոյսին խոստումը։ Այս դառնութիւնը եկաւ կրկին ու անցաւ։ Բայց թեթեւ տարբերութեամբ մը։ Ի՜նչն էր, որ կը բաժնէր իր ներկան, մօտաւոր անցեալէն։ Որ կը շոգիացնէր իր անայց սենեակին մթերուած խոնաւ մելամաղձութիւնը։ Թռչուն մը, անպաշտօն երգող, ծառի մը ծոցէն կամացուկ բացաւ իր երգը։ Անոր թեւին վրայ Սողոմը ինքզինքը գտաւ աւելի կանուխ օրեր…։ Երբ` տասնամեայ մանուկ, թաւուտի մը մէջ օձէ մը ազատեր էր ձգուլի ին (սոխակ) բոյնը ու ականջ լարած անոր գեղգեղին։ Տղու օրեր, առոյգ ու ջղո՛տ, որոնք դեղնութեան ու [164] ցաւի սա պահերէն յետոյ կը հագնէին բացառիկ համ ու վայելչութիւն։ Խորացաւ անիկա ծոցը անոնց, պատրաստ անկողնի մը պէս, ձայնի այդ ոլորքն ի վար, ու գլխու ճօճումով անիկա ընկղմեցաւ տեւողութեան այն ծովին մէջ, որ մեր ամէնուն կեանքն է, հաւաքուած խառնիխուռն, ժամանակին սեղանէն ու ետ [165], առէքը դրուած [166] …։ Անիկա հոգին էր տունին։ Բախտը, համը, գեղեցկութիւնը։ Աչքին բիբը իր հօրը, որ յուզումէն կու լար վրան նայելուն, կարծես գիտակցելով աչքը բաց ու վերահաս բաժանումին, ու խմելով իր տղուն ձայնը, շունչը, մարմինէն քշուած օդը։ Ու «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարակա՛ն անշուշտ, հաստ տէրտէրին կամ կատղած կոկորդին խորը վարժապետին, բայց դիւրաբեկ, զգլխիչ ու կապոյտ պարիկ` նոյն ատեն, որուն վանդակը կուրծքն էր Սողոմին։ Հոնկէ կ՚ելլէր աղաւնին` լալու, լացնելու սիրտը մեղաւորներուն։ Իր տարեկիցներէն` ինչպէս ժամուն մեծ ու փոքր դպիրներէն ան կը տարբերէր այդ երկրորդ անձովը իր հոգիին։ Մինչեւ իր ձայնին «դառնալը»` ան իրեն հետ պտտցուց այդ պարիկը։ Ի՜նչ տղայ էր ինք այն ատեն։ Մեր բոլորին մէջ յաճախադէպ տկարութեան մը գնով, որ վտանգի կամ յափրանքի ատեն մեզ կը նետէ մեր առաջին պատանութեան` անիկա նետեց բրիչը բաց երկու քայլ եւ սուզուեցաւ դժբախտօրէն գեղեցիկ այդ անցեալն ի վար... ։ Ի՜նչ օրեր էին անոնք։ Հայրը` հայր նորէն, բարի, շաքար, օծութիւն ու նուիրում` հազար օտարին։ Թաղին` լրջութիւն ու պատիւ, իր անցքին սփռելով կուշտ, «աղա » մարդու վայելչութիւն։ Տունին հաց, ամրութիւն, սեղան ու լիութիւն։ Մարդեր կան, որոնց ծանր է շուքը ու դաժան։ Ուրիշներ` որոնց ընկալուչ է խստութիւնը նոյնիսկ։ Սողոմենց Դաւիթը մարգարէն էր` առանց անոր մեղքերուն։ Ու «օրհնեց Աստուած իր ծառան Դաւիթը»... ։ Ու լեցուած էր անոր մեծկակ բնակարանը գեղին բոլոր բարիքներովը։ «Օձին լեղին » իսկ չէր պակաս անկէ։ Առջինեկի բա՜խտ, այսինքն` աշխատանքին մէջ խարսխուած մարդուն` հրաշքի հեռանկար, որ մեզ կ՚ընէ վեր մեր իսկ տարողութենէն։ Երազի մը հետ մարդ մինչեւ գերեզման հաճոյքով կ՚ընթանայ։ Առջինեկի բա՜խտ ձիթենիներէն եւ որթերէն, նո՛յնիսկ լեռնակողմի խոպաններէն, ուր ծեր կաղնիի մը խոռոչին մեղուները խորիսխ հիւսեցին, կատարեալ ընելու համար վկայութիւնը ժողովրդական տարազին եղով ու մեղրով ։ ... Բայց պէտք է մեծնալ, աղուոր ու նուրբ մարմինով, բաց ու վայելչագեղ մորթով։ Ու աճիլ հոգիէն ու ձայնէն ու տասնէն նոր ելած` ոսկի զանգակէ մը իբրեւ, թափել սարսուռ ու թրթռում, գեղեցկութիւն եւ արցունք, երբ տակաւին մեր հագագը չէր պատռտած Աստուծոյ շնորհած խանձարուրը։ Ու դրացիներ ու հեռու ազգականներ, թաղին բոլոր տղաքը կը վազէին հոն, ձմեռ գիշերներուն, գինովնալու անոր ձայնով, որ արցունքի կը բերէր ծերերուն երաշտ` ինչպէս խպնուկ աչքերը հարսներուն [167] ։ Փոքր-փոքր, շիթ-շիթ` անոր ձայնը առաւ աղը իր եւ ուրիշներուն արցունքին։ Ու դուրս հեղուած այդ յուզումներուն հետ անոր հոգին քիչ-քիչ ծծեց առջի խռովքները, որոնք մեր միամտութեան վրայ անդրանիկ ժանգերը կը բանին։ Նիւթական տառապանքէն, զրկանքի խարանէն [168] դուրս է այս զկծումը։ Սեռէն առաջ, բայց անոր հեռամերձ ծփանքն է ատիկա։ Այդ խռովքները տղոց կակուղ սրտերը կը հերկեն, պատրաստելու համար անոր հողը` սրբազան սերմին, օրհնուած ու կնքուած սրբանօթի մը մէջէն։ Ա՜ն` որ արդար, բայց չերեւցող ու աճեցուն արեւի մը պէս հետզհետէ պիտի ճառագէ, ու պաշտպանէ պիտի սրբարանին անհուպ մաքրութիւնը, մա՛նաւանդ աղջիկներու ծոցին տաճարէն ու պիտի գունաւորէ մանչերուն ալ հասակը, հասնիլը, մարդանալը։ Ա՜ն` որ փոշիներու, քակորի, ամոնեագի, փուշի եւ պոռնիկներու խշտին պիտի չիյնայ։ Որ ապաժամ, աճապարող իր մագիլներովը ինչե՜ր կարելի չէ տեսնել կաթիլ ճերմակ ջուրին մէջ պիտի չբզկտէ իր տաղաւարը` խնայելու համար իր ամօթը աշխարհին։… Ի՞նչ է պատանին, եթէ չէ հոգը հացին, գեղին համար, կամ գերին գիրքին, քաղաքներուն մէջ։ Անիկա սեռն է, որ կեղեւ կ՚առնէ եւ ուրիշ ոչինչ։ Գո՞յն։ Հա՞մ։ Արի՞ւն։ Բայց կը հարցնէ՞ք [169] ատոնք դեռ իր ծաղիկը չթափած կամ նոր թափած պտուղին։ Պիտի կենայ ասիկա ատանկ ճիւղի մը գերի, պիտի սպասէ, որ արեւը երկինքներէն պուտ-պուտ ճարէ վերը գրուածները եւ տայ [170] հրէշին, պտուղ-բջիջին։… Ինչպէ՞ս աչքին ինկաւ հացին տոպրակը, որ օրուան ուտելիքը կը պարունակէր։ Զարմացաւ, որ դեռ ձեռք նետած չըլլար անոր, քանի որ աշխատողին համար, օտարի հողին, հացը տարբեր բան է, քան սնունդը, տեսակ մը թիրախ, որ պիտի ընդունի անզօր ատելութեան մը ճիրանները իր միսին, մինչ սեպհական հողին վրայ անիկա անուշիկ գոհացում մըն է, ուտելէ առաջ իսկ յագենալ մը, տունին տեսակ մը երկարումն է ատ բաց դաշտերը մինչեւ, հեշտական զգայութիւններու զարթումն է հոգիին մէջ եւ կը բաւէ հակակշռելու աղը թափուած քրտինքին եւ սպառումը դնդերներուն։ Վարձուոր տղաքը զայն նոյն նժարին կը դնեն սիկարին հետ։ Կ՚ուտեն վրէժով եւ անժամանակ։ Տոպրակին հետ տեսած էր ձին ալ։ Ինչո՞ւ օտար գտաւ կենդանիին նայուածքը, կախ ու ճանճիկներէ [171] հովահարուած։ Կենդանին լաւ կը ճանչնայ իրեն կապուած աչքը։ Անշուշտ ան չի հասկնար մեր տառապանքին կամ ուրախութեան զսպանակները, բայց կը հասկնայ տառապանքն ու հրճուանքը։ Ուրիշ օր անիկա սիրական ընկերն էր Սողոմին, անոր լռին խօսակիցը, որ իր ձեւովը պատասխան կու տար։ Այսօ՞ր։ Հեռու իրարմէ։ Եղաւ ատեն մը, որ անոր ուղեղը չկրցաւ աշխատիլ`առնուած լոյծ մշուշէ մը, որ կը հաւաքուէր անոր մարմինին զանազան ճահիճներէն։ Ասիկա կայ մեր մտքին ենթակայ երեւոյթներուն մէջ, երբ մեր մտածումը յանկարծ կը խրի մեր մարմինին որոշ մէկ մասին ու կը քայքայուի ցեխն ինկած արեան թելի մը նման, ու նորը չի յառներ՝ տեղը բռնելու։ Արտաքին զգայութիւններ, իբր հակահարուած, կ՚ընդմիջեն այս ընդարմացումը։ Անիկա նպաստ գտաւ օձ մը հալածող բազէէն, որ քսան քայլ հեռուն իր ոլորքները կ՚ընէր կածանի մը վրան, արգիլելու համար սողունը, որ յառաջանայ հանդիպակաց թուփը մինչեւ։ Ան հասաւ տեսարանին։ Իժ մըն էր, փառաւոր, որ իր գլուխը շան պոչի մը նման կը բարտէր ու կը ցցէր։ Թռչունը հեռացաւ Սողոմէն զգուշաւոր։ Սողունին անհետացումը ձիթենիի մը խոռոչին մէջ` յիշեցուց պատկերը, զոր գիրքի մը մէջ դիտած էր պզտիկութեանը։ Եւան խաբո՜ղը։ Մե՛ղքը։ Բերին զայն` ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը, կարծես ոսկի սկուտեղի վրայ։ Ինչ ալ ըսենք չենք կրնար հերքել մեր ներքին նուաղումը։ Տուէք ատոր ձեր ուզած անունը, փոխ առէք կրօնքներէն ցանկալի պատգամները։ Ժխտական շղարշ մը զգայութիւններու իրական է, ինչպէս նոյն այս շղարշին հակադիր երեսը։ Մենք կը դառնանք անոնց շուրջը, ու կը ջանանք խուսափիլ ճակատումէն։ Մերձեցում, նահանջ, յետոյ նոյն խաղը նորէն։ Այո՛։ Որպէսզի` դանդաղի հոսանքը, աղտոտ ու դժպհի ստուգութիւնը, որ երբեմն կ՚ըլլայ մեր ներկան։ Բայց չկրցաւ խուսափիլ։ Ի հեճուկս իր աջ ու ձախ յածումին, ան, զգայութիւնը, եկա՛ւ, չքաւոր, ծառայ տղու անպատսպարելի ամօ՜թը։ Ու պրկեց ` կճրտելով իր ժանիքին տակ կծիկները անոր ջիղերուն։ Անհուն բեկում եւ խեղճ տրտմութիւն յաջորդները եղան նուաստացման այդ հեղեղումին։ Խորտակուեցան զինքը ոչ հպարտ, այլ կանգուն ընող լարերը կրկին։ Այս քանիերո՜րդ անգամն էր, որ այսպէս կը կործանէր անիկա։ Ու եղաւ վերջապէս ա՛ն` ինչ որ էր [172] սա պահուն օտարներուն ալ աչքին, ուրիշին հողին շղթայակապ գերի մը, քիթը մխուած ակօսին ու գուղձին, տարագրուած` բռնի` իր երիտասարդութենէն ու, անկշի՜ռ, պիտի յանգէր անիկա չքաւոր ու անսիրտ հարսնիքին, առագաստին` օտար աղջկան մը հետ, զոր չէր իսկ տեսած շէնք-շնորհք. անկէ ալ` գեղին միջինը շինող անանձն [173] բանակին, ապրող միայն մութին համար, մանրուք, քիչ, խեղճ կնիկի մը ծոցին, առանց ցերեկի։ Առանց ծանրութեան։ Առանց արժէքի։ Որ չխօսի պիտի ամուր։ Չքալէ, բարձր։ Ընէ մէջքը քիչ ու ջնջուած։ Գրեթէ երազի մը ետեւէն նայող մը հիմա, երբ միտքին ցաթեց գիշերուան ամենազօր երիտասարդը, հերոսը, որ անրջային, անկարելի ծոցէ մը կը բխէր ու կու գար դաշտ, գեղին երեսին։ Ինկաւ ձեռքէն տոպրակը` կուշտին, կոշտ ու տգեղ։ Ատելի էր ինքը իր անձին։ Ու այսպէս, ձգուած` հողին, աղքատութեան, երազին ու ցնորքին փոփոխ ասեղներուն, անոր սիրտը պուտ-պուտ դուրս տուաւ պատանիին վերջին խակութիւնները ու առաւ կեանքին առաջին աղերն ու կսկծանքը։ Եւ անոր մէջ անտես մատներ հէնքը կը նետէին գալիքին ոստայնին։ Մինչեւ կէսօր ան անցաւ այս յաջորդական ստեղներէն։ Անոր հոգին առաջին մարզանքները կ՚ընէր զգայութեանց սուսերումին, որ կը խածկռտէ [174] մեր պատանի անկնճիռ տախտակը ու ակօս-ակօս կը հերկէ մեր հողը` առնելու համար դէպքերուն կայծակն ու կարկուտը։ Երկաթը հնոցին կը տաքնայ ու ջուրին կը մխուի։ Տղամարդը արիւնին մէջ կը մխուի դէպքերէն կարմրելէ յետոյ։ Ով որ կրկէս կը նետուի, առանց կարծրութեան, առանց հոգեկան պողպատումի [175], պատենազուրկ կրիայի մը կը նմանի։ Կէսօրին անիկա դարձած էր համեմատական դադարի։ Ելաւ տագնապէն պիրկ ու հզօր։ Երկու բեւեռներ` իր ներսը հիմա, Նալպանտենց հարսին ու Նալպանտենց վտանգին լուսանկարները իբրեւ։ Յետոյ զգաց, որ սկիզբէն իսկ ուրիշ չէր եղած այս տագնապը։ Բոլոր շրջանումներու, շրջառումներու ընթացքին, բոլոր խաւարումներուն ու բռնկումներուն վերեւէն չպակսեցաւ «ճառագելէ» գիշերը, իր ահաւոր առասպելով։ Յետոյ թուլցա՜ւ։ Երա՜զ մը, այս ամէնը։ Բայց չտրուեցաւ իրեն` գոհունակութիւնը, զոր մղձաւանջի մը քայքայումը կը տարածէ մեր ներսը։ Կը տանէին զինքը. ու ինք գիտակ էր այդ ձգումին, որով դժուար բեռները մեր հոգին կը կաղացնեն։ Կ՚երթար, կործանումի հակած տունի մը նման, որուն չենք համարձակիր սեպհականութեանը հաւատալ կամ մահը վճռուած հիւանդի մը նման, որուն չենք կրնար հաշտուիլ։ Ան հեռու էր բացատրելէ այս հակամարտ զգայութեանց յաջորդումը։ Իր օտարացումը ինքնիրմէն, ուրիշ մը, ուրիշներ ըլլալու յարմարութիւնը, աւելի ճիշդ` գալիքին ընդաղօտ զգեցումը, որով պիտի տրուի մեզի դիմաւորել մեր մօտաւոր ճակատագիրը` կը պարունակէի՞ն այն քանի մը նշանները տարտամ այն մարդուն, զոր կը կրէր անիկա իր [176] արիւնին մէջ, հիմա խակ, բայց ուրկէ օր մը, շատ մօտաւոր օր մը դուրս պիտի ժայթքէր անիկա, անակնկալի բերելով գեղին չափ զինքը մանաւանդ։ Փայլա՛կ մը, այդ պահը, բայց անոր պէս հատու, որ հաւաքեց, կարծրացուց իր լխկած, ուժաթափ անձը։ Անոր թուեցաւ լայննալ, մեծնալ ու փռել ինքզինքը սա վերի գեղին, առջեւի դաշտին ու դէմի լեռներուն վրայ, այնպէս` ինչպէս ըրեր էին ուրիշներ։ Ինչպէ՞ս ծնած էին այդ տարօրինակ տղաքը։ Խենթե՜ր…։ Անշո՜ւշտ։ Ու անգամ մըն ալ իր մտքին վրայ շրջեցաւ Նալպանտենց Աղուորին անկողինը, զուտ զգայութիւն, հով ու կրակ ու զուտ խենթութիւն։ Այս եղծումի պատկերներուն ներքեւ անիկա հաստատեց իր մէջ ա՛ն` որ կը բուսնէր։ Ինչպէ՞ս կերաւ հացը, այսքան ընդարձակ մտալլկանքէ մը ետք։ Բայց կերաւ, մինչեւ յետին փշրանքը։ Ու ամէն օրէն տարբեր լիութիւն մը քշեց իր մարմինը դէպի դուրս։ Անիկա տակաւին հաստատեց ուրիշ շարք մը զգայութիւններ ալ, որոնք կապ ունէին իր ուռած ու հանգչած փորին հետ։ Յետոյ միայն տեսաւ, որ անակնկալ ու բացառիկ էր սնունդը։ Ե՞րբ մորթուած ու տապկուած` հա՛ւը։ Յիշեց փեսաները, որոնք ծոցի գիշերին յաջորդող ցերեկը խնամուն տունը կ՚երթան, պաշտօնական հաւը ուտելու, թափուած արիւնին հեռաւոր խորհրդանշան։ Գոհ էր ու հաստատ։ Փորը` աւելի քան կուշտ։ Հոգին` իւղոտ։ Ոտքի ելաւ։ Բան մը փոխուած էր մէջը։ Կազդուրուած էին ջիղերը մանաւանդ, որոնք խենթեցնող գիշեր մը ամբողջ ու սա խռովայոյզ կէս օրը մշտապէս լարուած, յոգներ էին ու ստեղծեր անոր մէջ յոռետես, յոռեգոյն հակումներու, տրամադրութեանց փոփոխական հանդէսը։ Բայց կերակուրը, առանց իր գիտութեան, աւլած-տարած էր իրմէն ժխտական տարրերը։ Եւ կը դառնային իրեն ուրիշներ, այս անգամ քաղցր ու արու։ Անոնք կը շինէին, կը կրկնէին իր այն վիճակը, որով զգեստաւոր` դուրս էր ելեր Աղուորին ծոցէն ու անցեր գեղամէջէն։ Խեղճ տղան ի՜նչ պիտի գիտնար, որ հաճի Աննան իր սպառած ջիղերը ամոքելու, քաղցրաւէտելու դերը յանձնած էր իւղերուն ամէնէն տարօրինակին, որ խելօք ու մերկ կը պառկի գուբին տակը, բայց մարդուն միսերէն ներս տարփանքի առուակ մը կ՚ըլլայ առերեւոյթ անմեղութեամբ, բայց սողոսկուն ու աննահանջ -- ձէթին` որ լուցկիի քիթով մը հրդեհ կը դառնայ ու մեր ներսը բռնկած տաճարի մը նման լուցավառ կ՚ընծայէ։ Անիկա կը տարբերի գինիէն, որուն խելագարող մշուշը այնքան անկումներ ու կործանումներ կ՚անթեղէ իր մէջ։ Անիկա կը տարբերի միւս իւղերէն, որոնք տեղին համեմատ մարդը կ՚ընեն ուժգին, գազան, բռնաւոր կամ թեփ [177] ։ Լիճին շրջակայքը սիրոյ ոճիրները ամէնօրեայ ըսուելու չափ յաճախադէպ են այն գիւղերուն մէջ, ուր խաղաղութեան իւղը սնունդին հիմնամասը կը մնայ։ Աւելի ներսերը, հո՛ն` ուր չ՚աճիր ծառը եւ ոչխարին իշխանութիւնը կը սկսի, հովիտներու ու լայնարձակ դաշտերու մէջ կկզած գեղեր, մարդիկ սմքած են ու խելօք։ Ու անոնց վերեւ ո՛չ ոճիր (սիրոյ), ոչ ալ երգ կը սաւառնի։ Իմաստուն եւ յիմար կոյսերուն հեքիաթը ձրի յօրինում մը չէ։

 

Կազդուրուած, ինքնամփոփ, սիրելով կեանքը, արեւը, ծառերը, մա՛նաւանդ իր երազը` ան աշխատեցաւ։ Ուրիշ պիտի չըլլար պատկերը ընտանիքի հօր կամ նորոգ կարգուած երիտասարդին, որ իր գործը, տեղը, քրտինքը չի տեսներ, վասնզի իր տունին հեռանկարը կենդանի մշուշի մը պէս կը պտտի իր դէմ։ Եկան, բարեւեցին, կատակեցին ու անցան քանի մը ընկերներ, որոնց հետ իր բառերը հնչեցին փոքր տարբերութեամբ մը, իրեն համար անզգալի` բայց որո՛շ` լսողներուն։ Սեպհական հողի վրայ աշխատողներ` անոնք կանուխկեկ կը դառնային գեղ։ Ուրիշ անգամներ այս զգայութիւնները ու անոնց հակահարուած մտածումները ան կը դատէր աղքատութեան պարունակէն ու կը հայհոյէր բախտին։ Բայց ահա նո՛րը։ Երբ մարեցաւ անոնց ոտնաձայնը, անբացատրելի թախիծ մը սողոսկեցաւ իրմէն ներս։ Տրտմութեան ընդհանուր զգացումը, մինչեւ այդ օրը բարկութիւն եւ յուսալքում արժած, որոշապէս կապուած կը մնար ջերմութեան զգացումի մը։ Թեթեւ ու եղկ կրա՜կ, ուր աղուամազն ու բուրդը, բամպակն ու կնոջ մը միսերը ծու[է]ններ [178] են նետած։ Անոր իմացականութիւնը զօրաւոր չէր այս խառնուրդը դատելու եւ գտնելու վաւերական ակը այդ բխումներուն։ Շարունակեց իր պղտորումը սակայն։ Բեկուած, անհամ ու ջղայնոտ, մինչեւ որ ուրիշ բանուոր մը հեռացաւ իր կարգին, նոյն ճամբայէն, ինքնատուր իր երգին, որ թարմ պատմութիւն մըն էր սիրոյ ով գիտէ ո՛ր հեռաւոր գեղին մէջ արիւն ու արցունք արժած եւ հիմա քաղցր ժապաւէնին պէս բանաստեղծին` կը տարածուէր միջոցներուն վրայ, խորունկ ու շնորհալի։ Այդ [179] երգերը կը ճամբորդեն հովին թեւերովը եւ կ՚ընտելանան իրենց նոր միջավայրին։ Հանգիտութիւնը, ի վերջոյ, կը փոխէ անուններն ու տեղերը եւ օրերով անդին «վառուած» այդ կրակին հուրքը սեպհականութիւնը կը դառնայ այս ու այն տունին։ Երբեմն կը քաղցրանայ, մոռցնելու չափ իր բխումին սկզբնական ճապաղիքը, ազատուելով իր եղերական հանդերձանքէն ու դառնակսկիծ համէն, մտնելով նոր կալուածին մէջ։ Ու կ՚երգէր պատանին խոպոպները սանդուխն ի վար սիրականը դիմաւորող աղջկան ու անոնց սարսուռները տղուն այտերուն։ Ու կ՚երգէր տակաւին «անգութ աղջիկները », որոնց գեղեցկութիւնը մահուան շունչին հետ բորբոսի սահմանուած է։ Ու կայ մահը տղուն` ինչպէս այդքան ըղձացուած բաներուն, կիներու մարմինէն։ Գնաց տղան։ Բայց Սողոմին շրթներէն կաթկթիլ առաւ յիմար տողը`

Փարչը գինին չը մնաց,

Փարչը գինին չը մնաց.

Ճամբիկդ անուշ հայելէն

Աչուիս արին չը մնաց…

որ կախուեցաւ, յամառ ու երկար, անոր հոգիին տաշտերէն…։

 

Անոր ականջը, բացառիկ յիշողութեամբ, մէկ անգամէն կ՚առնէր բառն ու մեղեդին։ Վերադարձաւ իրեն ահաւոր իր տրտմութիւնը։ Դրաւ Աղուորը սենեակի պատուհանին ու տարածեց, սրտադող ու խուզարկու՝ անոր նայուածքը դէպի ճամբաները։ Ի՜նչ խենթ էր ինքը։ Ու կրակէ այն ամպը կրկին, որուն ծանօթ էք արդէն։ Տունին պատկերը՝ անպարտկելի, աւելի քան մինչեւ հիմա իրեն ծանօթ որեւէ կարօտ, կ՚այրէր զինքը։ Սրբուեցաւ ցերեկը, ձիթաստանը, ամբողջ դաշտը մէկ անգամէն։ Ու գիշեր էր անոր մէջը։ Ու դուք գիտէք դարձեալ անոր գիշերը։ Այնքան համով սա ձիթաստանը մէկէն կորսնցուց իր հրապոյրը, եղաւ անհանդուրժելի, դժոխքի տեսակ մը գաւիթ, ուր շարժումն ու դադարը հաւասար տանջանք կու տա[յին] [180] իրեն։ Օրը ինկաւ իր լայնքէն, փոքրացաւ, նեղացաւ մանաւանդ, անսահման երկարաձգմամբ մը։ Հզօր, որոտագին ցանկութիւն մը, վտանգի ատեն կոչնակը ծեծող ուռնակին պէս, կը հարուածէր կուրծքին վանդակը ու իր նեարդներն ի վար կը շառաչէր բիւրաղի մտրակի մը նման, տեսնելու Աղուո՛րը, արեւին լոյսով, բռնելու անոր մէջքը, սա արեւին գրկելու, «բերնէ բերան ու մազէ մազ»՝ ինչպէս կը պատկերէր երգը։ Պապակը այնքան ուժգին էր, որ նման պրկումներու անծանօթ անոր մարմինը կը թրթռար հեւացող նուագարանի մը նման, բազմաղաղակ ու բացորոշ։ Ի զուր իր կտորիկ մը խելքը միջամտեց տագնապին, իր աչքին բերաւ ու գամեց իր դիրքը, վարձուոր ծառայի, տիրացու տղի խեղճ դիրքը։ Զայն կը մշտէին իրմէն վեր, ասեղէն աւելի սուր մղումներ։ Փնտռեց՝ ջերմահար աչքերով արեւը, որ ամպի մը պարոյրին մէջ գացեր էր փշրուելու։ Հայհոյեց։ Մօտ էր լալու ու առարկա՞ն այս կիրքին, դանդաղութիւնը արեւուն։ Գրեթէ նուաղում եկաւ վրան, երբ խորհեցաւ օրը իրկուն ընելու հարկին։ Բայց ուրիշ ի՛նչ կրնար ըլլալ ճակատագիրը ծառաներուն։ Ի զուր, անգամ մըն ալ, աւելի տրտում բանաձեւումներ հրաւիրեցին զինքը զգուշութեան։ Բարձրաձայն հարցուց վերջապէս, «Որո՞ւնն էր կնիկը»։ Բայց մեծ մասը մեր պատասխաններուն մեզի կու գան մեր զգացումներէն, շատ քիչ անգամ` խելքէն։ Մինչեւ այս տագնապանքին սառիլը որոշումի մը մէջ՝ անիկա ապրեցաւ քանի մը երիտասարդութիւն, ինչպէս կարգադրուած է անիկա մեր ամէնուն մէջ։ 

 

Չէր դիմացած։ Անիկա գրեթէ մտքով աչքերը լաւ չէին տեսներ ու շուտ կը մոռնային հաւաքեց ձիուն չուանը, կապեց վրան բրիչն ու բահը, սովորականին հակառակ կողմէն դուրս էր անիկա իր ըրածներէն ու քիչ կը տեսնէր նետուեցաւ կենդանիին վրայ թռչունի ոտքերով ու քշեց սանձարձակ, աւելի քան պաշտօնական քառասմբակը։ Ե՞րբ, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ այս խուժումը դէպի իր բնազդները։ Բայց այս վճռականութիւնը յայտարար փաստ մը նոյն այդ բնազդներուն տեսակարար կշիռէն։ Հակառակ անծանօթ իր մարմինին՝ անիկա այդ պահուն իսկ փաստը կու տար իր ապառնիին։ Անիկա գեղին մէջ մէկը պիտի դառնար, այսինքն՝ կռւոտներու [181], ոճրագործներու, հերոսներու, [182] զգացումով խենթերու գիծէն մէկը։

 

Ճամբորդներ, գեղ դարձող, տեսան զինքը վախով, յետոյ՝ զարմանքով։ Քառասմբակ արշաւ մը, ատանկ օրուան հանգստութեանը մէջ, կը կապուի գէշ լուրերու։ Վտանգ, աւազակներու կողմէ յարձակում, սպանութիւն այդ ձեւով կը հաղորդուին գեղին։ Անոնք` ճամբորդները, հարցում ուղղեցին սուրացողին ու չարժանացան պատասխանի։ Ենթադրեցին շատ բան, ամէնէն յետոյ նորելուկ խոցտուկը, յանկարծական խիթը աջ աճուկէն վեր, որմէ երեք հոգի մեռած էին անցած ամսու ընթացքին։ Ու մեղքցած, վայը հալածելով, «մարելով» Սողոմենց Սողմէնին [183], որ էրկանը ցաւէն հազիւ աչք բացած, պիտի փետտէր ինքզինքը առջինեկին գերեզմանին ու «կատարեալ» խենթենար։ Կը խօսէին անոնք, հետեւելով ձիուն փոշիին, որ ամբողջանալու ատեն իսկ չգտնելով՝ կիսակամար թաւալում մը կ՚ըլլար ու կը հալէր։ Սողոմը տուն հասաւ կոչնակէն առաջ։

 

Դրան առջեւն էր հաճի Աննան։ Մամո՛ւկ։ Պողը կոկ։ Այդ խնամքէն յայտնի էր, որ ան պատրաստուեր էր ժամ երթալու։ Գոյնը նետեց պառաւին։ Բայց անմիջապէս՝

 

-- Ո՛ր տեղդ կը ցաւի, - ըսաւ ու մօտեցաւ։

 

Նոյն այդ միջոցին անիկա զննած էր դրացիներուն պատուհանները, ուրկէ գլուխներ դուրս ինկած էին ձիուն աղմուկէն։ Դռնառաջի կիները, հետաքրքիր, անակնկալի եկած ու խառնակիչ՝ շարժեցան իրենց նստատեղերէն [184] ։ Թեթեւ՝ սկսաւ աղմուկը։ Ատեն չթողուց, որ խօսին, խօսի մա՛նաւանդ տղան։ Խղդեց՝ իր ինքնահոս դատումներուն մէջ հաւանական պատասխանը, ու աւելի՝ կիներուն միջամտութիւնը։ Երբ ձին առաւ ներս տղան, հաճի Աննան դուռը դրաւ իր մղլակին, առաջ[աց]ուց [185] կենդանին դէպի ախոռը ու շինելով տիրոջ [186], հարուստի խստագին դէմք մը, աւելցուց՝

 

-- Ինչո՞ւ ասանկ կանուխ եկար։

 

Տարօրինակ էր, որ բառերը տկար էին՝ դէմքին հակասելու աստիճան։ Հարցումին հետ ան մտած էր հոգեբանութեանը մէջ նոր փեսաներուն, որոնք հարսնիքի առջի շաբթուն, դիմանալու անկարող, այսպէս կանուխ փախ կու տային գործատեղէն` գեղին մէջ հեգնուիլը աչք առնելով։ Պառաւը կարմրած էր ամօթէն, ու փլած՝ իր խստակառոյց պատեանէն։

 

Տղան չկրցաւ ամրանալ նոյնիսկ վճռուած սուտին, որուն վրայ խարսխուած՝ ան ըրեր էր քայլը, մտացածին ցա՛ւ մը։ Սուտը վարժութիւն մըն է ու, այդ գիծով՝ բնական։ Տարիներով մարզուիլ մը միայն համ կու տայ անոր։ Սեռային գետինէն սուտը չի պարտկուիր։ Նախանձը անկարող սուտ մըն է, այսինքն՝ պարտկուած մը։ Ընկճուած, կարօտալից, աչքովն ու ականջովը փնտռելով ա՛ն՝ որ չկար, ու ատկէ կրկնապէս խորտակուած՝ ան պատասխանեց վռնտուելէ վախցող մուրացկանի մը պէս խեղճ.

 

-- Եկայ։

 

Դեռ անոր մէջ չէր ճեղքուած կճեփը [187] ։ Կապուեցան անոր պռկըները։ Պառաւին նայուածքը հասեր էր սրտին։ Ու անիկա կարմրեցաւ աղջկան մը պէս։ Մատները, պարտկելու համար իրենց դողը, կը խաղային գօտիին փաթովը։ Նեղցաւ, ամփոփուեցաւ, գլխուն կործելու չափ՝ բակը։ Աղուորը չէր երեւար։ Յիշեց արեւը, որ վերցեր էր բակէն եւ որուն լոյսին մէջ ան փափաքեր էր տեսնել անոր մարմինը, ինչպէս ձիւնէ շղարշ մը ոսկի ջուրի մէջ։

 

-- Ձին նե՛րս քաշէ։

 

«Ներս»ը ախոռն էր։ Պառաւը անապահով գտաւ բակը։ Գլխահակ, կամազուրկ՝ Սողոմը առաջ քշեց կենդանին։ Կը հետեւէր հաճի Աննան բարկութենէն գրեթէ կապուտցած։ Հակառակ մեր բոլոր զգուշութիւններուն, մենք կիրքինն ենք, ամէն անդրանիկ բխումի։ Մտաւ անոր ետեւէն ախոռը, դուռը կէս մը փակելով կը վախնար լոյսէն, աչքերուն հաշւոյն, հիմա՝ որ անհանգիստ էր գալիքէն ու անհանգիստ էր աւելի մռայլ բանէ մը ձայնը իջեցուց ու կսկիծով զգաց, որ այդ ձայնը շատ աւելի վար կը մնար իր առօրեայ ծաւալէն։ Դուրսէն լսող մը պիտի կրնար ընդունիլ զայն գրեթէ մտերմական, եթէ կտրտուած չըլլար անիկա խորունկ յուզումներէ, որոնք հազիւ-հազ կը պարտկուէին անոր վաթսուն տարիներուն ներքեւ։ Կե՞ղծ։ Բայց մոռցած էր ըսածը ու ըսելիքը։ Գտաւ թելը։ Բայց իր շրթունքները անկարող էին կաղապարելու ինչ որ կը հաւաքուէր անոր զգայնութեան ամենախուլ անկիւններէն, այնքան տագնապը, այսինքն՝ անոր սկաւառակը, անոր ոլորտը, իրականութիւնը, կատարուած մեղքը, սա մատ մը տղան (որուն էրիկմարդութիւնը դեռ անվաւեր կը թուէր իրեն, եւ որ սակայն Նալպանտենց փարթամ արիւնին կը խառնուէր ու ի՛նչ ճամբով), մինչեւ հիմա իրեն հետ բառ մը իսկ չփոխանակած իր հարսը, անոր արգանդին շուրջը դիզուած մութն ու խորհուրդը իրարու կ՚աւելնային աւրելու, խենթեցնելու համար մտածելու իր կազմածները։ Ան քանի՜ ծունկ աղօթք էր քաղած [188] ցերեկին, սա դժնդակ սենեակին մէջ, ուր հին ստուերներ եկեր ու դպեր-անցեր էին իրեն։ Հաճի աղային ոսկեկոթ մտրակը եւ ուրուականին կռնակին շրջուած երեսը։ Քանի՜ հարիւր Տէր ողորմեա ։ Ու եօթը գլուխ ոչխար՝ մատաղցու։ Ի՜նչ ապուր էր իր թափածը։ Ժամերով անիկա հնհնուքին [189] տակն էր բանի մը, զոր սովորութիւն է խղճի խայթ անուանել եւ որ հարազատ չի բացատրեր պառաւին լլկումները։ Ի՜նչ կատաղութեամբ անիկա սպասեր էր խնամի Բաբէթին։ Ձեռքն անցնէր, բզիկ-բզիկ աղար պիտի անոր միսերը։ Կե՞ղծ, պառաւին շե՜շտը, սա կիսամութ խշտիին մէջ, ուր մարդկային ձեւ մը կը խառնուէր ստուերին ու չէր կրնար ջնջուիլ։ Բայց անիկա հոդ մտաւ, հաստատ միտքերով [190] ։ Ինքզինքը քիչ մը պատսպարած դրան շուքով, թողած մա՛նաւանդ խաւարին մէջ տղուն ամէնէն երկիւղալի մասը, նայուածքին մարզը, խաւարին մէջ, ան ընդունեց իր իսկ պատրաստած ճակատամարտը, զոր որոշեր էր յետաձգել, անորոշ ժամանակով։ Վախկոտ, կոտրուած, անապահով՝ արդիւնքէն։ Բայց առաջին բառերէն յետոյ գործողութեան ջերմութիւնը վարակեց զինքը, ազատեց աւելորդ շարժումներէն։ Ան ամրացաւ, Նալպանտենց հարսի իր մուշտակին պատկառանքէն ու հարուստ տիկինի իր նախապաշարումներէն։ Գտաւ ինքզինքը այն շեշտին մէջ, որ ընտանի էր իր երիտասարդութեան՝ ինչպէս տիկնութեան շրջաններուն եւ որուն տարրերը իրեն ճարուած էին դռնառաջքի կամ ատեաններուն մէջ իր ճիչերէն ու պերճութենէն։ Տղան լուռ կը հետեւէր անոր բառերուն, առանց ընդմիջման, չհամարձակելով փոխել տեղը կամ աչքերուն ուղղութիւնը։ Գրաւուած այդ քարոզէն հազար հեղ աւելի արժող բանէ մը, բայց վախնալով նոյնիսկ ատոր հաշւոյն, [191] թողուց, որ հաճի Աննան քաղէ, աջ ու ձախ, ուզածին պէս ու չափ։ Մտիկ կ՚ընէ՞ր։ Իրողութիւն էր, որ կը հասկնար [192] Նալպանտենց տունին մեծագոյն խորհուրդը: Ու կը հասկնար ինքզինքը, այսինքն՝ իրմէն ուզուածը։ Ու ահա պառաւին դաշնադրութիւնը իր մերձաւոր իմաստին մէջ։

 

-- Սողոմը, ա՛լ կապուած սա տունին շատ հազուադէպ պայմանով, պարտաւոր էր շատ մը բա[ն]երէ [193] առաջ հաշուի առնել հասարակաց աչքը, կարծիքը, գեղին ամենազօր էակը, պառաւին բառով՝ ալէմ ը, որ աչքը չորս բացած կը հետեւէր Նալպանտենց տունին բոլոր անցուդարձերուն։ Ան կը հսկէր մա՛նաւանդ անոնց ծառաներուն, որոնք բամբասանքի աղուոր նիւթ կ՚ըլլային շահագործողներուն լեզուին տակ։ Սողոմը աւելի մօտիկ կը մնար անոնց ճիրաններուն, տրուած ըլլալով երկու տարին՝ այս տունին մէջ։ Բայց մարդոց լեզուն հացի տոպրակ չէ։ Սողոմենց Սողոմը իր աղքատ ինկած տունին համար Աստուծոյ կամքովն էր ամէն բան, ելլելն ու իջնելը Անոր մատին կը մնան կապ պարտաւոր էր, քանի մը տարի, ակռան սղմել ու շահիլ, պարտկել իր մայրն ու աղբրտանքը։ Աստուած ոչ մէկուն միննէթ ին տակ կը մնայ [194] ։ Ինչպէս չի մնար ինքը՝ հաճի Աննան։ Նալպանտենց պէս տուն անիկա մոմով որ փնտռէր, չունէր գտնելիք։ Ոչ մէկը պիտի վճարուէր այնպէս՝ ինչպէս Սողոմը, իր բախտակիցներէն։ Յետոյ կը հրաւիրուէր անիկա խորհելու շատ մը բաներու՝ շատ մը կէտերէ։ Կատարուածը, որքան ալ «մեղօք», ամօթ, կը գտնէր արդարացում իր իսկ ազդակներէն, թերեւս կը սրբանար, եթէ երեսը քաղցր ընէր վերի Ամենակալը, որուն զօրքին անգամ մըն ալ մեռաւ պառաւը` խաչակնքելով ջերմեռանդ։ Երազին քաղցրութիւնը հոս անցած էր բառերուն, որոնք եղան մեղմ, սիրաւէտ։ Այդ օրէն, առաջ Աստուած (խաչակնքեց կրկին) հաճի Աննան գիտէր ընելիքը։ Անիկա երբեք «ներքեւ մնացող» չէր կրնար ըլլալ։ Մինչեւ իր մահը, մէկ աչքը բաց պիտի պահէր Սողոմին վրայ, նոյնիսկ կարգուելէն ետքը, տեսակ մը խորթ զաւակի պէս հովուելով ու պաշտպանելով զինքը, հասնելով կնկանը, Աստուած ուզէ՝ զաւակներուն բոլոր կարիքին։ Մինչեւ ատ օրը Սողոմը աս տունին տղան էր։ Զգաց, որ սուտ կը խօսէր, բայց հոսանքին ջերմութիւնը զինքը նետեց ծանծաղուտէն, ուր կը խրին մեր բառերը, երբ պարունակութիւն չունին կամ կեղծ են։ Բայց ատիկա պտիկ մը բան էր հաճի Աննային պերճախօսութեան մէջ։ Քանի՛ կը բացուէր, սիրտը [195] ա՛յնքան կը թեթեւնար։ Բառերը նոյն համեմատութեամբ կ՚իրաւնային ու կը զեղուէին անորոշ հեղանիւթով մը, որ կ՚իւղոտէր տղուն ջիղերը։ Բա՛ն մը, շատ մօտիկը՝ տարփանքին, բայց չըլլալով զայն։ Գեղը քառսունէն դուրս պառաւները դահացած կովերու կը նմանցնէ եւ անկէ վեր ամուսնութիւնները՝ Աստուծոյ զուլումը կ՚ընդունուի էրկանը մեղքերէն։ Նեղութեան մէջ ճարուած այդ ողոքիչ, պարզ, սիրտ առնող լեզուն գտաւ իր ճամբան։ Օտարապա՞շտ խառնուածք, երգովը վարակուած, օտարին վազելու հի՞ն վարժութիւն, ուրիշին տառապանքը մեղմելու ազգային խո՞ւլ բնազդ, ո՛րը որ կ՚ուզէք։ Սողոմին մէջ շարժումի ելան նոր լարեր։ Գթութիւնը երբեք հաշիւ մը չէ պատանիին մէջ։ Հակադրութի՛ւն մը, հերքում մը՝ թերեւս։ Ինքնիրեն հակասել մը։ Տարազը կը բացատրէ ձեզի քաջերուն վայրագութիւնը, որ կը սղոցէ կիներուն ստինքները, բայց կը վերածուի քիչ մը անդին ծունկ մը սիրոյ աղջնակի մը դիմաց։ Անիկա մտաւ տառապանքին մէջ հաճի Աննային ու ջիղերը կը ծծէին այդ եղկ հոսումը, թոռմած, բայց համեղ պտուղէ մը ինչպէս, որ աւելի մատղաշ մարմինէ մը արձակուելու պարագային ով գիտէ ի՛նչ խռովքներ պիտի ճարէր։ Ու ահա նոր բաներ։ Սողոմին վրայ պարտք կ՚իյնար, մեղքէն ու վարձքէն ալ գեղեցիկ պարտք մը՝ զգուշաւոր ըլլալու, կասկածի ոչ մէկ առիթ ստեղծելու, երբ Սերոբը գար քաղաքէն։ Պիտի փախչէր ցոյցէն դուրսը՝ ինչպէս ներսը, երկդիմի բառերէ։ Պիտի հսկէր նայուածքին, որ ամէնէն անսանձ մասը կը մնայ մարդերուն։ Բայց ասոնցմէ զատ, կապ պիտի դնէր իր լեզուին, պորտայի կղպանք ։ Ողջին ալ դէմ կու գայ, մեռելին ալ՝ ամուր բերանը։ Պառաւը կը խորհէր մատնող հոգեւարքներուն [196] եւ այդ վտանգը անիկա կը կապէր հոգեւարքի [197] խռչակին առաքինութեանը։ Կնիկները կ՚ատեն թուլբերանները. գուցէ իրենց մեծագոյն տկարութիւնը պարտկելու հեռարձակ բնազդ մըն է ատ անոնց քով։ Ի՜նչ կրակներ տեղացին, ի՜նչ տանուտէր ընտանիքներու գլխուն անխելք շրթունքներէ։ Գեղին մէջ կիրքերը այնքան պիրկ՝ բառերու կը սպասեն` արիւն ու կրակ դառնալու համար։ Աստնուորէն ու անտնուորէն կը յարգուի [198] գաղտնապահ լեզուն։ Ամբողջ այս քարոզը, պատկերներով զարդարուած, կը լուսաւորուէր հաճի Աննային բնատուր պերճախօսութեամբը, ա՛ն՝ որ անոր անձը ըրեր էր այնքան յանկուցիչ, համով՝ անցեալին յուզումներուն։ Ճարտար ու մարդերու տկարութեան հետ խորապէս շփուած ոչ մէկ միջավայր մարդը կ՚ընէ այնքան թափանցող, որքան դատարանը եւ պատժապարտ ատեանները , անիկա աճապարեց շահագործել թուլացման սա պահը, որ կ՚ուրուանար տղուն վրայ։ Չիջեցուց քարոզը իր ջերմութենէն։ Ախոռին կիսաստուերին մէջ խորունկ ու անխելք բան մը կար, ձեռնտու խորհուրդին ու վախին։ Անիկա առիթը ծեծեց տաքը-տաքին, տղան կապելու, կապկպելու, հսկայ երդումներու ուռկանէն, կատարուածին ու ասոր գաղտնիքին։ Որքան ալ լրբացած, ամբարիշտ, որքան ալ հաստ մեղքերով կրծուած՝ անիկա չէր նմաներ յետպատերազմեան սա մրուրին, որուն ամօթը չզգալու չափ անբանացած ենք հիմա։ Այդ գազան երիտասարդները տերեւի պէս կը դողային, օրինակի մը համար՝ մօր մը անէծքէն եւ ուրիշ նախապաշարումներէ, հաւասարապէս զօրեղ՝ անոնց զգացական աշխարհին վրայ։ Մեծ, ամէնօրեայ, մա՛նաւանդ անփոյթ անարդարութիւնները, որոնք քաղաքներուն ապրանքը կը մնա[յ]ին [199] ու կը նմանին սալայատակին ձգուած շուներուն, անտարբեր իրենք իրենց, ինչպէս ամէն բանի, անտարբեր մա՛նաւանդ հին ասպետութեանց հանդէպ, գեղին համար նոր սկիզբ կ՚առնէին խճուղիին հետ, որ կը բանար անոր կղզիացումը հասարակաց արձակ ու հեշտ պողոտաներուն, մեղքին ու վայելքին։ Երդո՛ւմը։ Իմ օրերուս անիկա սկսած էր լղրճուիլ կարգաւորներու մօրուքով, բայց զարհուրելի մղձաւանջ մըն էր պարզ մարդոց։ Տարօրինակ է մեղքերու եւ սուրբերու բախտը։ Այսօր ջնջուած մեղք մը, պահքը աւրելը [200] ՝ ատ օրերուն հաւասար էր ու քիչ մըն ալ վեր, տուն աւրելէն։ Մնաց որ, նոր ճամբուն վրայ կառուցուած նոփ-նոր թաղին փառահեղ մեղքերը, հակառակ իրենց անհուն լրբութեան, դասական կառոյցին՝ զանգուածին ու տէրտէրներուն պիղծ բերնին մէջ զօրաւոր փաստեր էին Տիրոջը կամքին, ա՛ն Աստըծուն՝ որ Աբէլը սպաննել տուած էր եղբօրը ձեռքով, որպէսզի կոտոշ տնկէ անոր գլուխին։ Որ մեղքի քշած էր, որպէսզի ատոր համար յետոյ կործանէ ամենական ազգերը ջրհեղեղով ու հինգ շքեղ քաղաքներ՝ երկինքին հուրովը։ Սրբազան պատմութիւնը ես չեմ յիշեր, թէ ինչպէս սորվեցայ։ Բայց հաճի Աննան ինձմէ լաւ գիտէր։ Ժամու տղայ, խելօք ու երկիւղած, կարդացուկ իր հօրը առջին երեք անգամ անիկա կարդացած էր Դատաւորաց, Ծննդոց, Թագաւորաց, Մնացորդաց գիրքերը , անիկա պիտի արտասանէր ահաւոր բանաձեւը նոյն այդ հօրը «նորոգ» գերեզմանին վրայ։ «Աւուրանց դատաստան » (մինչեւ օրը դատաստանին) ոչ մէկ գնով, ոչ ոքի, ոչինչ, ասեղին գլուխէն իսկ անցընելու չափ քիչ բան պիտի չպատմէր անիկա գիշերուան կատարուածէն։

 

Մութը կը խորանար ու անկիւններուն ծոցը փլաւ ինքիրեն։ Դուրսէն զարկաւ կոչնակը, իբր խղճմտանքը գեղին ու դողացուց անոնց երկուքին ալ սիրտերը։ Մոխիր կար կարծես անոր քուղերուն վրայ, դէպի վար ու դէպի վեր։ Ինչո՞ւ տրտում է միշտ սա պահը։ Ուրուացաւ եկեղեցին, բայց չեղաւ։ Նոյնպէս՝ ստուերը մեղքին։ Երկուքն ալ դուրս, վեր էին իրենց վիճակին պարունակէն։ Հաճի Աննան իր խղճմտանքը սրբացուցած էր տարիներ առաջ, մենք գիտենք ի՛նչ գնով։ Սողոմին համար մեղքին պատկերը շատ աւելի սեւ բան մըն էր, քան սքանչելի կնոջ մը ծոցը…։ Ջնջուեցան ինչ որ կը կցենք սիրոյ զգայութիւններուն։ Բայց որոնք դուրսէն կը ճարենք։ Մե՞ղք։ Ան չհասկցաւ ինքզինքը։ Ու հլու, ու յուզուած, ու անմեղ նկատուելու չափ բարի, առանց խորհելու, թէ ո՛ւր կը տանի զինքը ատ երդումը՝ անիկա բացաւ բերանը ու մրմնջեց, ճիշդ տղու թոնով, պահանջուած բանաձեւը։ Քիչ մը արձակ շունչ առաւ պառաւը։ Ձեռք ձգուածը ապահովութեան առաջին տարր մըն էր։ Եղերական էր կշիռը տրուած երդումին։ Եղած են մարդեր, որ չեն վախցած ոճիրէն՝ յարգելու համար հանդիսաւոր պահու մը բերնէն թռցուած խոստումը։ Ոչ մէկ վարանում, երբ երդումն է, որ կը կապէ, կը պարտադրէ ենթական, վասնզի երդումին դատախազը Տէրը ինքն է։ Գեղացին տեսած է իրողութիւններ, [201] կը հաւատայ այն հեքիաթներուն, ուր սուտ վկայողը, երդուողը կը ճաթի մէջտեղէն կամ ոտքերը կը քակուին մարմինէն ու կ՚իյնայ դատարանին մէջը։ Այս կարգի փաստեր, դրուագներ ուզածիդ չափ։ Անուն, տեղ, թուական պատրաստ կը պտտին ամէնուն շուրթին։ Կէս կապուած ձին կը լեցնէր ախոռը բարակ խրխինջով մը [202] ։

 

-- Տուր երդը [203] ։

 

Դրաւ ձեռքը շալին մէջ։ Արի՞ւնը պաղած էր մութէն, թէ ախոռին գլուխ բռնող գէջութենէն։ Նստելու տեղ մը փնտռեց։ Աղբին սակառը՝ կործած՝ վստահելի [204] չէր անոր հաստ իրանին։ Մտազբաղ՝ հետեւեցաւ տղուն, որ ըրաւ թելադրուածը։ Անպատմելի, բա[յ]ց [205] զուսպ աճապարանք կար անոր շարժումներուն մէջ։ Ինքն ալ չէր զգար, թէ ինչպէ՛ս ահագին սակառը յարդին մէկ ձեռքով շրջեց մսուրքին մէջ։ Աչքովը կը զննէր դուռին բացուածքէն, դուրսի միջոցը, գորշ լո՜յս՝ որ երկինք չունենար։ Պառաւը թափանցած էր անոր տագնապին: [206] Ընդառաջելով տղուն մտապատկերները [207], անհասկանալի շեշտով մը աւելցուց.

 

-- Ա՛լ տեսնելիք չունիս…

 

Բայց չաւելցուց «ի՛նչը»։ Ձայնը բարակ էր, բարի, ժպիտի մօտ բանով մը քաղցրացած։

 

Յիմա՞ր էր աս պառաւը։ Սողոմը հազիւ կրցաւ այսքան մը մտածում քով քովի բերել իր ուղեղին մէջ, ուր պառաւին բառերը կրակէ կտորներու նման մխուած էին ու խաւար ըրած փիլիսոփաներուն փառաբանած այդ «ջահը»։ Ինքզինքը գտաւ սակայն։ Զգայութիւնները փերթ-փերթ կը զարնուէին մտքին պատերուն, ու կը թօթուէին անոր գանկին փոքր գմբէթը։ Ան չյաջողեցաւ բերանը բանալ ու ջուխտ մը խօսք նետել ջատուկին քիթին ու պինչին։ Ստեղծուեցաւ դաժան կացութիւն։

 

Բայց կատարուածը անխելք փորձ մըն էր, որուն անպէտ ըլլալուն իսկոյն համոզուեցաւ պառաւը։ Տաք ու պաղէ անցած կնիկ, հինգ տարիէ ի վեր սեռային ուռնակէն ծեծուած իր տունովն ու տեղովը՝ անիկա յիմար չէր գիշերուան մը ծոցին վստահելու համար բեղմնաւորումը իր ծրագրին։ Թագաւորներուն կեանքէն հեքիաթներ ինկան յիշողութեանը։ Զուր տեղը չէր, որ անիկա վիրաւորած էր իր ու տունին խղճմտանքը։ Իր նպատակը, պայծառ, «աստուածահաճոյ» կը շինէր զինքը։ Ան վճռած էր, սա օրուան ամբողջ անձուկին մէջ, պատահարը առաջնորդել իր անխուսափելի արդիւնքին։ Զղջաց, երբ աղօտակի, կարծես դիտմամբ ձգուած լոյսէ մը, որ կը նայէր դուռէն, նշմարեց տղուն արտայայտութիւնը, բզիկ-բզիկ եկած այն խաթարումով, զոր մահացու ցաւ մը կը բանի մեր երեսին։ Այսքան ուժո՞վ ուրեմն, սա երէկի տղուն իսկ սրտէ՜ն։ Սեռային մեղքը իր խոստովանանքը հետը ժուռ կ՚ածէ։ Խռովիչ ու տխուր էր այս պատկերը։ Ու մութ, իրմէն նշմարելի ճամբաներէ, խառնակ գիծերու վրայով անիկա կարծեց ընդզգալ կարաւանը անհաշուելի, դժբախտ, «կարկուտ» դէպքերու։ Մե՜նք, բոլոր գիտցողներս, որ կը յաւակնինք սիրտերը վարել, բայց չենք հարցներ, թէ ինչո՛ւ կը սպասենք պառաւնալու։ Ծերերը իմաստո՜ւն են։ Անշո՛ւշտ՝ երբ անջրդի աղբիւր մը դառնան։ Լուռ էր տղան, ճմռկուած, աղէտաւոր։ Այնքան անըմբռնելի գտաւ անիկա պառաւին վճիռը, որ չլալու համար գրեթէ պոռաց՝

 

-- Եա՜…

 

-- Կամա՛ց, - փակցուց պառաւը։ Միջամտեց ձին։ Կիսաբաց դուռին երկու կատու՝ հետաքրքիր կեցան ու նայեցան ներս։ Պառաւին ձայնը քակուեցաւ կրկին։ Խրատներ։ Այսինքն՝ ապառիկ բարիքներ։ Անիկա կը ջանար մնալ հեղինակաւոր, դաժան, վայելուչ նոյն ատեն։ Ու չէր կրնար, նուաճուելով ներքին գրգիռէ մը, որ կը ցնցէր, կոտրելու չափ, կեղծիքին կազմածները, բայց չէր յաջողեր մաքրել անոր հոգին սուտին բեկորներէն։ Մօտեցած էր անոր։ Դպած՝ միշտ մեծ մատովը, անոր դունչին։ Դարձան իրարու, բայց լուռ էին, հակառակ ճաթելու չափ լիք ըլլալնուն, ամէն մէկը իր տիկին մէջ, իր գինիո՜վ։ Փայլուն դալկութիւն մը կը դողդղար տղուն երեսին, ուրկէ արիւնը ծծուած կը թուէր։ Կը դողդողային ռունգերուն թերթիկները, նեղ գալով անշուշտ արագցած անոր շունչին, որ սիրտին խուժումը կ՚աշխատէր մեղմել։ Այդքան ուժո՞վ։ Խորհեցաւ կրկին պառաւը։ Ինչո՞ւ բացաւ բերանը։ Թափուածը խորիմաստ քարոզն էր, սկսուածքին մէջ այնքան յիմար, անտեղի, կատղեցուցիչ, բայց շուտով վերադարձող իր արժէքին։ Սերոբին գալէն յետոյ՝ Սողոմը պիտի հսկէր տունին մէջ, իր ընթացքին։ Ամէն բան պիտի քալէր առաջուան նման։ Պիտի ապրէր արգելքը, Սողոմին՝ ինչպէս օտարներուն աչքին, որ զինքը կը թաղէր իր խցիկին մէջ, մութին հետ։ Պիտի չսպասէր սեղանին վերցուելու պահուն, Սերոբին մօտը գալու։ Ինչպէս՝ բոլորովին լուսնալուն, ուտելու եւ գործի մեկնելու համար։ Մա՛նաւանդ էրկըրի (օտարի) դիմաց բերանը չառնէր պիտի տունին անունը, որեւէ պատրուակով գովել թէ պարսաւել իր գործը չէր։ Կեցաւ։ Տղուն անզգած ու խելօք լռութիւնը, որ զարմանքէն անդին բան մըն էր, սառում մը, քաջալերեց զինքը իր առաքելութեան դժուարագոյն մասն ալ աւարտելու։ Մէկ շունչով, այս մասը, բնական, քիչ, [208] թեթեւ, տաժանագոյն պարտականութիւնը։ Անիկա, Սողոմենց Սողոմը, պարտաւոր էր հեռանալ տունէն (ձայնը թեթեւ մը ճկեցաւ. կը յիշէր քիչ առաջուան խոստումը, որով անիկա աս տունին խորթ տղան կը հռչակուէր մինչեւ իր մահը) այն օրն իսկ, որ Աղուորը պիտի մնար ծոցուոր։ Անշուշտ պիտի ստանար տարեվարձը ամբողջ։ Յիսնակին՝ հարսնի՛քը։ Ծախքերը կը ստանձնէր հաճի Աննան, մինչեւ յետին տասնոցը, մօրմէն զատ ոչ մէկուն գիտութեամբը։ Մայրն ալ պիտի չմտնէր գաղտնիքին միւս մասին մէջ։ Անկէ յետոյ գեղը թող ուզածը շինէր, երգէր։ Երկայն էր իր տղուն ձեռքը։ « Հիւքիւմէթ ներ»ը կը սեպէին զայն։ Ի՛նք՝ Սողոմը, կապէր պիտի լեզուն։ Երդում էր տուած, հա՜։ Երիտասարդ երդումին ուժն ալ երիտասարդ կ՚ըլլայ ու կ՚այրէ։ Կեցաւ. պատասխանի սպասող մէկու մը լարուածքով.

 

- - Աս գիշե՞ր…

 

Ձիւն մաղեցին հաճի Աննային ծոծրակին։ Այդ ջուխտ մը բա՜ռը։ Ու տեսաւ անիկա, որ տարիքը ի՛նչ կ՚արժէ մեր լեզուին վրայ։ Անոր բոլոր պերճախօսութիւնը, մեծակառոյց փաստերը, ահաւոր մտահոգութիւնները գոյ իսկ չէին։ Ելած էին մէկ ականջէն, ինչպէս մտած էին միւսէն։

 

-- Դուն ականջդ չորս բաց ըսածներուս, - կրցաւ քով քովի բերել։ Թուքը կուլ տուաւ։ Կոկորդ կը մաքրուէր։ Հաճի Աննան կը պատրաստուէր քարոզին։

 

- - Աս գիշե՞ր։

 

Ատեն չթողուց, որ ընդլայնուի քարոզը։ Սողոմին շեշտը կ՚ամրանար, արի եւ ինքնավստահ։ Քալած էին, անզգալաբար դէպի դուռը, իւրաքանչիւրը իր մտապատկերին՝ վարսուա՛ծ՝ ինչպէս արծիւի մը կտուցը լեարդին։ Անզիջող ու վճռական։ Յապաղած կտոր մը լոյսի մէջ, որ հեռաւոր տանիքի մը թիթեղէն կ՚անդրադառնար անոնց աչքերը, հանդիպեցան կրկին իրարու, առանց միջնորդ խաւի մը։ Տղո՛ւնը՝ պաղատա՜նք, մերկ ու խեղճ, արո՛ւ, բայց անփորձ, որ ամէն գնով Աղուորը կ՚ուզէր։ Պառաւինը՝ կախարդ, անըմբռնելի, որ կը խաղար փորձ եւ էգ խաղը, ուրիշի հաշւոյն։ Սողոմը դեռ չպատռած պատանի, որ կիներուն մորթն իսկ չէր ճանչնար դեռ, ո՛ւր մնաց աչքէն վարը, շուտով պարպուեցաւ իր պահեստէն։ Ան տասնամեայ մանուկ մըն էր այդ վայրկեանին, որ պատրաստ էր ամէն ինչ զոհելու, իր ցանկութեան առարկային։

 

-- Ըրէ՛ երդում, ըրէ՛, ըրէ՛, - խստացուց, շփոթեցուց, բռնացաւ պառաւը։ Թեւով կը փակէր դուռէն անցքը։

 

- - Ի՛նչ որ ուզես։

 

Եղկելի, խմոր էր տղան։

 

-- Մտիկ ընես պիտի։ Ընե՛ս պիտի, ի՛նչ որ ըսեմ։

 

- - Աս գիշե՞ր։

 

Չէր կրցած սանձել շրթները, որոնք երդումին փոխարէն բերին անոր ամբողջ ներսի հուրքը դուրս։ Ու անոր գիշերը ծոցին գիշերն էր, հրուած այդպէս դէպի բերնին սահմանները, անոր մարմինին բոլոր խորշերէն։

 

-- Երդո՛ւմ, երդո՛ւմ։ Ըրի՛ր։ Հօրդ մեռելին վրայ, մօրդ գլուխին վրայ։ Երդո՛ւմ ըրիր դուն։ Մտի՛կ ըրէ։

 

Արեւը հատած էր թիթեղէն։ Դուրսն էին։ Մէկէն տեսան, որ բակին պոչերէն սեւը կը գծուէր, մանր-մանր։ Անոնք չէին աւարտած իրենց դատը։ Գիշերուան սա պատրաստութիւնը, տունին ամէն ծակ ու ծուկերէն, սգաւոր ու դաժան բան մը կը քշէր առջեւէն։ Կ՚ըլլայ ասիկա, երբ վերը ծանր հիւանդ մը կը տքայ, հոգէառին սարսափէն, կամ հսկայ կ[արաս] [209] մը կը կոտրուի բակին մէջտեղը եւ չի հաւաքուիր, տուները ձգելով անհուն թախծութեան։ Վերէն դուռ մը փակուեցաւ։ Աղուորին հոգի՞ն [210] էր, որ կը յառնէր։ Ինչպէ՛ս զգաց, որ այդ բախումը իրական առարկայի մը պէս թօթուեց զինքը։ Իր էութենէն հոսեցաւ ա՛ն՝ որուն անունը չէր առած բերանը դեռ, բայց որմով կը յորդէին իր բոլոր բջիջները։ Մենք չենք մտածեր մեր սրտին ու երակներուն, վասնզի անկապտելի ձեւով մը մերն են անոնք։ Կը զբաղինք՝ երբ հիւանդութեանց զինուորները գրաւել կը փորձեն։ Ուզեց նետուիլ բացը, բակը։ Պառաւին հաստ մարմինը կը հետեւէր անոր մտքին սլաքին եւ կը դիմաւորէր անոր հաւանական շարժումները, վարժ, բացէն, առանց մատնուելու։ Դուռը կրկին զարկաւ պատին։ Ձայնը էգ էր կարծես։ Ձայնը գիշերն էր, անկողինն էր, Աղուորին ծոցն իսկ էր։ Դարձաւ կրունկներուն վրայ։ Ախոռ կը մտնէր։ Աչքը առանց պտիկ մը թարթելու, առանց վախի՝ ինչպէս սուտի փոքրագոյն ծուէնի մը, ատեն իսկ չձգելով ընդմիջուելու, իրարու ետեւէ, շունչը բաւածին չափ, ըրաւ պառաւին ուզած բոլոր երդումները, հօրը սուրբ մեռելէն մինչեւ մօրը ողջ, ցաւագար գլուխը, ժամուն «օսկի» խաչէն մինչեւ Զատկի առտուան «օսկի» սկիհը ու անոր ահաւոր պարունակութիւնը, յորդ, սիրազեղ, ջերմ բառերով։ Պառաւէն առաջ դուրսն էր ան։ Չտեսաւ Աղուորը։ Ո՞ւր կրնար ըլլալ, վար չիջնալու համար։ Մութը եկաւ, կիսաջերմ, ամառ գիշերուան մը համովը, ուրկէ աշնան առաջին զովութիւնները, գիծերու պէս կը սահին եւ մերթ ընդ մերթ կը զգացուին, երբ մեր գլուխը տաք է քիչ մը։ Անիկա կերաւ անոնց սեղանէն, առանց բառի, շարժումի, նայուածքի` սպասելով Աղուորը, որուն ոտքերը կային գլխուն վերեւ, բայց ինքը վար չէր իջած։

 

Ան գիշեր ալ անիկա մտաւ Նալպանտենց հարսին ծոցը։ Աւելի փորձ, աւելի յուզուած, աւելի տարածած իր ջիղերը` ընելու համար թափանցումը անոր մարմինին թաքուն խռովքներուն։ Ու յաջորդ գիշերը։ Ու ամբողջ շաբաթը, մինչեւ Սերոբին գալուստը։ Գառնուկէ մը աւելի հնազանդ էր պառաւին բոլոր հրամաններուն։ Չկրկնեց առջի օրուան յիմար անհամբերութիւնը, թէեւ իր տառապանքը, կարօտը կ՚անցնէր չափը իր սպասումին։ Ու անիկա հասկցաւ արիւնին ձայնը ու ձայնին արիւնը մեր խեղճ սրտին դուռներուն։ Այդ վեց օրուան մէջ անոր տակինը հո՜ղ չըլլար։ Անոր ներսը ուրիշ դէմք չկենար։ Այս աղի պէս այրող կարօտը, ծարաւը զայն ըրաւ մշտագրգիռ, անխելք, ատեն չտուաւ, որ խորանայ իր զգայութիւններն ի վար։ Հպա՞րտ։ Հազի՜ւ [211]. թէեւ առաջին օրը իր հոգին բռնուած ըլլար անոր թեւովը։ Հաճո՞յք։ Բայց անոր մտածումը աւելի կ՚արժէր, քան անոր վայրկեանը։ Միայն հաստատապէս ճանչցաւ, թէ ի՛նչ ուժ կայ պառկած կնկան մը կրաւորութեան մէջ։ Տասը էրիկ-մարդ չունին այդ ուժը, երբ իրենց ոսկորներուն վրայ՝ բանալիով հաւասարակշռուած ժամացոյցի պէս կը պտտին ու զերծ են կիրքին սլաքէն։ Արիւնին հեղումը, վառօդին հոտը, սուրին շողիւնը գուցէ ունենան այդ հմայքէն որոշ մարդերու [212] վրայ։ Յետոյ, անխօս, ջիղերէն դուրս ամէն բանի համար կուղպ այդ մարմինին վրայ զուր տեղը աշխատած էր ճանչնալ այն յիմար խռովքը, որով կը թրթռան սիրոյ բոլոր երգերը։ Սերոբին վերադարձէն օր մը առաջ, անոր արգիլուեցաւ գիշերուան անկողինը։ Փորձ մըն ալ աս, անշուշտ յիմար, որ պառաւին պարզութիւնը կ՚ապացուցանէր։ Առտուն անիկա տեսաւ երիտասարդը, ուռած աչքերով, որոնք չէին գոցուած։ Այդ պատկերը շատ դժնդակ լոյս մը կ՚արտաբերէր անոր հոգիին։ Աւելի խելացի մը, մինակ այդ արնամած նայուածքէն, պիտի հասկնար, թէ կարելի չէ արջասպը դնել երկաթէ ամանի մէջ։ Պիտի հասկնար աւելի խելացի մը, տակաւին, թէ տաքնալու դրուած հունտերուն [213] նման ծլած ու իրենց շապիկը պատռած էին բոլոր այն սերմերը, որոնք գեղի տղաքը կը հանեն իրենց պատեաններէն ու կը զառածեն դէպի վտանգը, դիւային քաջութիւնը, կռիւը, ոճիրն ու մահը։ Դեռ դուրսին համար աղօտ մշուշով մը վարագուրուած այս հակումներուն անդրանիկ ճաշակը պիտի ունենային անոնք, Նալպանտենց Տունն ու Սողոմենց Սողոմը, [214] քիչ մը շատ շուտ։ Եղաւ ատիկա Սերոբին դարձած գիշերն իսկ։

 

Բ.

Փոխուած ոչինչ կար տունին մէջ։

 

Նալպանտենց Սերոբը կը դառնար այնպէս՝ ինչպէս գացած էր։ Այդ մասին ոչ մէկ կասկած պառաւին մէջ։ Գէրցա՛ծ, քիչ մը աւելի քան մորթին տարողութիւնը, համբաւով մածունի խորտիկէն, որ անոր նախասիրած կերակուրն էր քաղաքէն, իւղոտ, տապկուած լաւաշի վրայ մանր-մանր փրթուած։ Լեզո՞ւն։ Ջաղացք, քաղաքին [215] բոլոր նորութիւններով։ Գովեստը, արդար ու թուքոտ՝ հսկայ բժիշկներուն, որոնք մեռելին հոգի կը դնեն ու տաք ջուրերուն, որոնց մէջ ամսուան կեանքը գեղին տասը տարուան հետ անիկա պիտի չփոխէր։ Նուէրներ, մօրը, կնկանը, լայն, բարի, առատ, զարմացնելու չափ տանը ծառան, որ կանչուած էր անոր ներկայութեան, կատարուած աշխատանքներուն համարը տալու եւ որ ամօթահար, բայց հետաքրքրուած, կը հետեւէր սա կռնծած, դրամին ժանգովը կռտուած (մալուած) մարդուն ձեռքերուն։ Ո՞վ փոխած էր անոր կծծի բնազդները։ Ու ի՜նչ գոհ էր անոր գէր ու երկդիմի երեսը։ Կատակներ ըրաւ սեղանին վրայ։ Ու՝ օգտուելով մօրը գործով դուրս ելլելէն՝ փորձեց համբուրել իր կինը, որ խօսքի, շարժումի անտրամադիր՝ սառած միս էր այդ պահուն, պարպուած ինքնիրմէ։ Ան չէր կրցած նայիլ խոր էրկանը աչքերուն։ Խղճի խա՞յթ։ Ո՛վ գիտէ։ Մեղքը, նոյնիսկ շղարշով զգեստաւոր, կշիռ ունի խղճմտանքի նժարին։ Ասիկա արդարները չեն, որ կ՚ըսեն։

 

Սողոմը յարգեց, այսինքն՝ կը հաւատար, թէ պիտի յարգէր բոլոր իր յանձնառութիւնները։ Իրաւ ալ, այգիէն դարձին, երբ անիկա հոտը առաւ ներկայ էրիկին, մռայլուեցաւ ու պառաւին ազդու միջամտութեամբ միայն գտաւ ինքզինքը։ Յետոյ՝ ինքզինքը հարկադրեց ո՜վ պատանիներուն հերոսութիւնը հաւատարիմ մնալու տրուած խոստումին։ Չերեւցաւ ճաշի ատեն, ինչպէս վարժուած էր ընել շաբաթէ մը ի վեր, հակառակ բռնաւոր կարօտին ու օր առաջուան այնքան գողտր զգայութիւններուն։ Ի՛նչ սիրտ առնող է համը սեղանին, որուն շուրջը կը բոլորուիս, սիրածիդ հետ, անոր շունչին մէջ։ Չելաւ խցիկէն, որուն դուռը կը դողդողար բարակ աղմուկներէ, ճոխ սեղանէն փրթած ու մոլորած: [216] Ինքզինքը խորտակելու չափ ճնշեց իր ջիղերուն վրայ, որոնք ուռած կը թուէին ու կը փորձէին պոռթկալ դուրս։ Գեղացին երակներով կը զգայ ու կը չափէ կիրքը։ Զսպեց սակայն։ Ու այս պրկումը ասեղ-ասեղ սողոսկումներ արժեց իրեն, ողնուղեղն ի վար։ Բայց զսպեց։ Այս յաջողութիւնը մանկան մը պէս ուրախ ըրաւ զինքը։ Մինչեւ Սերոբին պառկիլը, անիկա տէրն էր իր կիրքին։ Ականջը փակցուցած բալլիքի ծակին՝ ան կը հաշուէր քայլերը, կը ճշդէր ու կը դատէր ձայնի քաշքշուքները։ Ատեն մը յոգնած՝ աշխատեցաւ աչքերովը, լոյսի թելերուն վրայ։ Բայց եկաւ ատեն մը, ուր բակին վրայ, վերի պատուհանէն այդ լոյսն ալ հատաւ։ Լռեց տունը, կարծես լիովին մեռած։ Այն ատեն տեսաւ, որ ծունկի էր դուռին ետին։ Անոր սրտէն սկիզբ կ՚առնէր հուժկու որոտումը, որ կ՚անդրադառնայ գանկին երկու զառիթափերուն ու փոթորկահար նաւակի մը պէս կը ճօճէ մեր կամքը։ Ու բառական որոտում մըն էր, որ կը գոռար ականջներուն փողերէն։ Որ կը բաբանէր անոր կուրծքին տախտակը ներսէն դէպի դուրս։ Աչքերը՝ խոռոչներ, մինչեւ սիրտը ելք ունեցող խոռոչներ էին, ուրկէ կրակի թելեր ու լոյսի պղպջակներ կը հոսէին, առատ ու արագ, ու այրումի շատ յստակ զգայութիւն մը խանձածի պէս կը կսկծեցնէր իր կոպերը։ Ինչո՞ւ այս անձուկը, օդի պակասը։ Ու ահա իրեն այնպէս եկաւ, որ իր մէջ մէկի տեղ շատ մարդեր կային, կազմաւորուող իր մարմինին զանազան կէտերուն, բայց ունենալով ուրոյն յօրինուածք ու պահանջք։ Ու բազմութիւն էր ինքը, հին գիրքերուն լեգէոնը ։ Կեդրոնացած անհատականութեան այս ցրցքնումը, փախուստով, ստորաբաժանմամբ թեթեւացում մըն է ներքին ճնշումին դէմ գիրքերուն ապահովութեան սուբաբ ը [217] ։ Ընդհանուր բզզիւն մը կը համախառնէր այդ մասնաւորումները։ Ու կը նմանէին անոնք գայլի ակռաներուն, խոզերուն ժանիքին։ Ու անոնք սուր էին ու հերկող՝ դաշոյններու նման։ Ցաւի հետ կապուած այս զգայութիւններէն ինկաւ իրենց ժխտական մասը։ Մարմի՞նը կը վարժուէր։ Ու անոնք խենթեր էին, պատրաստ խուժելու, ո՛ւր որ հրամայուէր իրենց։ Թեւամբարձ՝ ելաւ ոտքի, ծնրադիր իր վիճակէն։ Թօթուըւեցան իրմէ զինքը մասնիկ-մասնիկ ընող բոլոր զգայութիւնները։ Բայց այդ խռնումը նեղ ըրաւ սիրտը, որուն քիչ կու գար անոր կուրծքին վանդակը։ Չտեսաւ ու չիմացաւ ինչպէ՛ս, ո՛ր ձեռքերով բացած էր խցիկին դուռը։ Բակն էր։ Հովը դպաւ իր քունքերուն, որոնք կը պոռային։ Աստղեր։ Լռութիւն՝ բայց զանգակի մը նուաղումն ի վար հնչումէն շինուած։ Թեթեւ լամբար մը վերի սենեակէն։ Ոչ մէկ շուք ճերմկիլ ուզող վարագոյրներուն վրայ։ Խածաւ ակռաները` ծամելու համար հայհոյութիւնը. յիշած էր Աղուորին կատաղի ընդդիմութիւնը լոյսին։ Հիմա՞։ Յուզումն ու բարկութիւնը այնքան զօրաւոր կ՚աշխատէին իր մէջ, որ քալելու համար դողացին ծունկերը։ Ո՞ւր կ՚երթար։ Չհարցուց բնաւ։ Մէջքին կոխած էր դաշոյնը։ Բայց երկաթին տուած ապահովութենէն աւելի՝ անիկա ուժ ու արիւնի խանձ կը զգար իր ակռաներուն ու դաստակներուն մէջ։ Բայց ոտքերը տարին զինքը։ Ի՜նչ ահաւոր էր աղմուկը ականջներէն, որոնք կը պոռային խօլարձակ, բազմաղաղակ։ Օճախով սենեակին առջեւ սարսռաց։ Մռայլ ձեւ մը կը զատուէր խորքի, սանդուխի յատակին միակտուր սեւէն։ Ուրուակա՞ն։ Պառաւն էր։ Մտիկ ընելով իր բնազդներուն ու քիչիկ մըն ալ դուրսէն լսածներուն, անհանգիստ, անկողինին մէջ չարչարակոծ գալիք աղէտներու հաշւոյն, իջեր-կեցեր էր հոդ, հսկողութեան տակ ունենալու համար վերնայարկին մուտքը։ Ան շարժեցաւ յստակ, քշեց տղան, մեծ մատովը, ուժգին, անողոք, անդիմադրելի։ Կը պատահի ասիկա, երբ մեր մարմինը շատ զօրաւոր մտածման մը պրկումին տակ կը տասնապատկէ իր կարողութիւնները։ Ծանօթ է արտակարգ ուժը խենթերուն։ Քշեց ետ, բակէն անդին, ու խոթեց խուցը։ Կղպեց դուռը ներսէն ու նստաւ գետին։ Այդ պահուն անոնք ունեցան այս պատմութեան սրտառուչ դրուագներէն մէկը։ Կռիւ չէր կատարուածը։ Անոնց ձեռքերը ոչ մէկ շարժումին բերին տեսարանին։ Կարծես պէտք իսկ չկենար լոյսի, թէեւ պառաւը պլպլացուցած էր խեղճուկ կանթեղը։ Բայց պահին վրայ գերակշիռ էր ձայնը։ Դաժան, բզիկ-բզիկ, նեարդները չորս դին գզգզուած բան մըն էր, որ անդադար կը հոսէր պառաւին բերանէն, այնքան քաղցր ու շնորհալի ուրիշ ատեններու։ Ան սկսաւ հայհոյանքով, անէծքներով, սպառնալիքով, հաստ, հաստատ, կտրող [218], դուրս ինքնիրմէն, ինչպէս մէկը, որ կը պաշտպանէ սեպհական պատիւը։ Այս մարզին՝ անիկա կինն էր, գեղի միջին կինը, որ դանակի պէս կը զարնէ ու կը փրկէ իր օճախին վարկը հասարակաց կռիւներէն։ Բարձր, անմեղութեամբ զրահուած, բայց լրբութեամբ ցուցադրուած իրաւունքին գիտակցութիւնը։ Քանի՛ կը խօսէր, ա՛յնքան իր անդամները կ՚ոգեւորուէին, սպառելու աստիճան անոր տկար, ուռած սիրտը։ Այս խոնջէնքը դարձուց անոր բերանը սովորական իր հունին։ Հանդա՞րտ։ Չէր կրնար ըլլալ։ Ու իրարու ետեւէ շարեց հսկայական երդումները, բոլորն ալ տղուն բերանէն քաղուած ու փունջ-փունջ դասակարգուած եւ որոնք դեռ շաբթուան մը կեանք իսկ չունէին։ Աստուած ի՛նչ կ՚ըսէր վերէն։ Ու երանելի պառաւը երբեք չէր սուտի մէջ՝ թէ՛ իբր մտածում, թէ՛ իբր զգացում։ Գործածեց անիկա իր ճարտասանութեան բոլոր զսպանակները։ Սողոմը կտրուկ պատասխաններ միայն ունէր, քիչ՝ բայց հաստատ։ Հետզհետէ, պառաւին հանգումին զուգահեռ, ան դարձաւ խօսուն, պահանջկոտ, բռնաւոր։ Բայց բառերը չեն դադրիր բառ ըլլալէ, այսինքն՝ ուզեն-չուզեն կը փոխանորդեն քիչ մը իրենց բացատրած վիճակները ու կը սպառին։ Ինչպէ՛ս չորցաւ անոր լեզուն, չդառնալու չափ բերնին մէջ։ Այն ատեն, կիրքին գալարափողէն իբր հեղում մը՝ սկիզբ առաւ անոր մէջէն հեծկլտուքը, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ բառերով տրուելիք նախնական, անկաղապար տարազը, փոքրերուն, անփորձներուն մօտ յաճախադէպ։ Փոքր, այո՛։ Բայց համաչափ անոր մարմինին ու անհունապէս սրտառուչ, վասնզի կաղապարուած էր անոր զմայլելի հագագէն։ Կարծես այդ փղձկումը անվերջ անձրեւն ըլլար հոգիին։ Քիչ յետոյ բերանին հետեւեցան աչքերը։ Ու պատկերը կիզանուտ ընող ներքին տագնապն էր չլալու, իր նուաճումը զգալի չընելու սա կնիկին առջեւ։ Չէր գիտեր, թէ անիկա պիտի լար երիտասարդին առաջին արցունքը, որուն համը բախտ մըն է, որ անծանօթ մնայ մարդոց մեծ մասին։ Ան Աղուորը կ՚ուզէր։ Հիմա կ՚ուզէր։ Ամէն գնով կ՚ուզէր։ Պառաւը փաթթուած անոր երդումներուն, կը մնար պինդ իր ծունկերուն` ինքն ալ շուարած ու յուզուած։ Ան հաշուի չէր առած սա անկարելի, անխելք նախանձը։

 

-- Խելքդ քեզի կանչէ, տղա՜ս…

 

Բայց տասնութամեայ տղուն մէջ թերեւս ատկէ դուրս շատ բան կարելի ըլլար գտնել։ Չկեցածը ատ կանչուելիքն էր միայն։ Պառաւը դպաւ կանթեղին, պատրոյգին խոռը [219] փրցուց-նետեց` քիչ մը աւելի պայծառութիւն գտնելու։ Օգնութի՞ւն կը յուսար լոյսէն։ Զղջաց չարաչար։ Աչքին առջեւն էր Սողոմենց Սողոմը, գեղին ձայնաւոր պատանին, հիմա վաւերական դիւահար մը, դէմքը հիմնովին խաթարուած, ու պատրաստ՝ մէջտեղէն ճաթելու։

 

-- Կնիկն անորն է, Սողո՛մ։

 

-- Անո՜րը…

 

Չէր կրցած հեգնական չընել այս բառը։ Բայց կրկնեց։ Հեգնութեան այդ շղարշին մէջէն դժուար չէր գուշակել Սողոմին բանաձեւած իրաւունքը։ Պահ մը լռեցին։ Ու լպրծուն, բաբախուն այդ օդը [220] կը կոտտար, վիրաւորուելով պատրոյգին նորոգուած ակռաներէն։ Ու նման էին երկուքն ալ իրարու։ Ու նման՝ այդ գիծէն՝ նաեւ ուրիշներու, լացող կիներու, որոնք մեռելը կը շրջապատեն ու, ողբէն ընկճուած՝ կը դադրին պահի մը համար, ու կը մնան պաղած՝ պառկողի դէմքին, առանց զգալիք ու մտածելիք բանի, այնքան անիրական, անկարելի կը թուի իրենց ինչ որ պատահած է առջեւնին։ Հեռուներէն եկաւ անոնց շան մը կաղկանձը։ Ամբողջ երկինքը ուրիշ բան չըլլար։ Յետոյ նուաղեցաւ կրկին պատրոյգը։ Ձեւերը կը դանդաղէին։ Սողոմը ելաւ ոտքի։ Այդ ելքն էր, կը հագնէ՜ր վճռապէս երիտասարդութիւնը։ Անկէ կորուսած էր ա՛լ պատանութիւնը։ Տեղը կը յառնէր կարծրադէմ, ոճրագործ երիտասարդը, որ «ջուրի դրուած» կրակներուն ամէնէն խորունկին մէջ, պիտի քալէր ա՛լ իր ճամբան, անյողդողդ ու արի:

-- Ո՞ւր։

 

-- Վե՜ր։

 

-- Խենթեցա՞ր։

 

Պառաւը նետուած էր ոտքի, իր կարգին։ Ու Սարսափը գլխագրեցէք ուզածնուդ չափ մեծ կը հագուեցնէր անոր մարմինը նոյնքան իրաւ խստութեամբ մը։ Տպաւորիչ եղաւ ան ու տիրող, որքան ներելի ըլլայ գործածել այս վերադիրը վաթսունամեայ կնոջ մը` ներսէն փտած ու յոգնաբեկ։ Երկարեց բուռը դէպի տղուն գօտին։ Ու հակառակ բուրդի վրայ ծռելուն՝ մատները կարծր էին ու հրամայող։ Ան յաջողեցաւ նստեցնել երիտասարդը, որ չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէր։ Տառապեցա՞ւ, որ մտիկ կ՚ընէր։ Բայց տաժանագոյն ցաւն էր անոր զգալ հեղումը իր իսկական խառնուածքին։ Ողորմելի ըսուելու չափ սրտառուչ էր անոր դէմքը, հիմա որ անոր սիրտն ի վար կեանքին գերագոյն յուզումը պարպուած [221] էր իր սկիհէն` զինքը խելամուտ ընելով մէկ ժամէն միւսը՝ մարդերուն անսրբագրելի ողբերգութեան։ Ինչպէ՜ս տեսաւ իր հայրը, սա անակնկալ յուզման մէջ։ Որքա՜ն փոքր, աննշան են բոլոր Ուստիանները եւ միւսները, որոնք լեզուով կը սիրեն։ Ի՛նչ անպատում կրակ էր ատ թափուածը։ Ու դատեց ալ իր պատահարը, որ խնայուած պիտի ըլլայ մարդոց մեծագոյն մասին։ Որոնք սիրտի ցաւ պիտի չունենան ու անցնին պիտի կեանքէն առանց արիւնի, թերեւս առանց արցունքի։ Հասկցա՞ւ այսքան կանուխ, ինչ որ կը զատէ մեր միւս ցաւերը սիրտին ցաւէն։ Աղքատութի՞ւնը։ Բայց գերեզմանին երկու կանգուն կտաւը նիւթն է եղած ժողովրդային իմաստութեան։ Շատեր անոր շուքէն՝ կը տանին աշխարհին լրբութիւնն ու պարապը փառքերուն։ Կրնանք զայն նետել ալ, տարտղնել ալ ժամանակին մէջ։ Ո՞ւր տարածել սակայն մեր սրտին սա թունաւոր ծաղիկը։ Թափանցումի այս գիծէն անոր մէջ ուրուացաւ միւս տիրական էջը իր պատանութեան, երբ իր կոկորդը կը հոսէր կարմիր ու հսկայ սարսո՜ւռը, ժամ մը յուղարկաւորները փղձկումի տանող այն անհաս վիճակը, որուն եթէ ոչ բոլորովին օտար, գոնէ լայն չափով անհաղորդ էր մնացեր, խողովակի մը պէս ծորելով սրբազան տրտմութիւնը, խունկով թառամած մահուան անձնաւորութի՜ւնը, դագաղներուն վերջին քայլէն առաջ ողջերը երկինք փոխադրելով։ Ու իր պզտիկ խելքը իրարու մօտեցուց երկու արցունքները. մէկը՝ զոր կու լանք կնոջ մը ծոցը, եւ միւսը՝ զոր կու լանք մեռելի մը ծոցը եւ որոնց աղբիւրները իրարու հետ են այնքան յաճախ իրականութեան մէջ ալ։ Ի՛նչ ճնշում գործեց ուղեղին՝ զսպելու համար ճամբայ ելած արցունքը։ Կը զայրանար, որ չէր կրնար վանել իրմէն կսկծեցնող այն զգայութիւնը, զոր կ՚ունենան մեր միսերը, երբ կը բռնուին մաղմաղ կրակի։ Այս այրուցքի, տաղուելու, փշուր-փշուր «ճենճերելու» զգայութիւնները նոր կը հասնէին իրենց խորութեան ու կը բացատրէին հզօր կրակի մը լոյսին ընդմէջէն՝ պատկե՛րը երգին, զոր երգած, բայց չէր հասկցած մինչեւ այսօրը։ Կարծես սիրտը անցուցած ըլլային շամփուրի։ Ու կը զարմանար հարազատութեանը վրայ զգացումին, որ, աշուղին ընտանի, կը պոռար անոր բերնէն՝

Սիրտս լորի պէս խորվեցիր…

 

Ու կ՚այրէին զինքը։ Չար ու դաժան բաներ։ Ամէնէն շատ կը նեղուէր ան շրթներէն, որոնք մռայլ դողի մը մէջ կը կափկափէին։ Լուսնոտ նկատուելու չափ այս խիստ ցնցումները յոգնեցուցին մա՛նաւանդ անոր սիրտը, որ անհաւասար, խեղճ հեծկլտուք մըն էր, կարծես բաբախումը փոխադրած անոր բերնին։

 

Սեւ Սէ՛րը, մտածեց հաճի Աննան, բայց չբանաձեւեց. լսած էր անով զարնուածներէն, որոնք կ՚ածխանան՝ առանց որ մէկը իմանայ։

 

-- Ինչո՞ւ կու լաս, տղա՛յ։

 

Լացող չկար սակայն։ Ու բացագանչական հարցումը հրաւէր մըն էր, [222] վարպետ՝ որքան արգահատագին, դէպի արցունքը, որ նման տագնապներու հոգիին ծովուն վրայ կը խորտակէ կիրքին կիկլոնը։ Գիտեն ատիկա հին ու նոր պառաւները ու կը ստիպեն լալու արցունքէ կտրուած աչքերը։ Շնչառութիւնը եղաւ անհաւասար ու ճչուն։ Յետոյ անցաւ դողը, ամբողջ հասակին։ Չիյնալու համար իջաւ ծունկերուն, որ չկրցան բռնել անոր իրանը։ Տապալեցաւ անիկա գետին։ Տախտակին հետ իր բիրտ շփումը կործանեց անոր «կապուածքը»։ Ինկած էր կուշտին, գրեթէ զգայազիրկ, բայց քայքայած այրուցքին լերդացումն ալ, ուր ընկղմելու վախը տարեր էր զինքը նուաղումի։ Դասական հարուածն էր (շատ ծանօթ՝ բայց անիմաստ ցաւը սիրտին, որուն տակ կը տեղաւորէ գեղացին բոլոր բուռն կսկիծները), որ կը խոցէր անոր սիրտը։ Անուն՝ ու սիրտին գաւառներուն՝ կեդրոն մը չունի այդ ցաւը։ Բայց յստակ է ան։ Ու ան բացատրելի ըրաւ, ակնթարթի մէջ բացառիկ կործանումներն ու բացառիկ ամբարձումները։ Հեքիաթը մատչելի եւ իրաւ էր անոր ուղեղին։ Մահը տալն ու առնելը նոյն գործողութեան կրկնակ երեսներն են երբեմն։ Սա վայրկեանին, ոչ իսկ թարթիչ մը շարժելու, ան կը մորթէր Նալպանտենց Սերոբը։ Ոճիրը գոյն ունի, պառկելէն [223] շատ առաջ, դեռ մտապատկեր եղած շրջանէն։ Ու մարդ չի կրնար պարտկել այս ցոլացումը, փոսփորափայլումը՝ տեսնել կրցողէն։ Գեղին մէջ մահը, տարաժամ ու բռնի, գրեթէ ամէնօրեայ եղելութիւն է, որպէսզի վաթսուն տարիներէ անոր փորձառութիւնը, հաստատ ճանաչումը զետեղուած չըլլայ կիներուն ներսը։

 

-- Ինքզինքի՛դ եկուր։

 

Երկրորդ անգամ դէպի գիտակցութիւն այս կոչը անօգուտ ըլլալուն չափ վտանգ ալ ունէր։ Երբեմն ոճիրին զարկը, այսինքն՝ զայն ստեղծող, լարող, առաջնորդող ջիղին սլաքը պարապին վրայ կը մարի։ Դուրսէն, ուրիշ անգամ, բառ, դէմք, շարժում այդ սլաքը իրենց կը քաշեն։ Գուցէ այս փորձառութիւնն է, որ սորվեցուցած է տարօրինակ դասը, հսկայ խենթերուն դէմ յաճախ լռութիւնն ու մեռելութիւնը կը գործածեն։ Սողոմը չպատասխանեց, չկրնալուն։ Այնքան ուժգին էր ոճիրին ճպոտը իր ջիղերուն վրայ։

 

-- Դանկըտե՛մ պըտը…

 

Հարկ չկար փշուր-փշուր աղցուած այս բառերուն` ահաբեկելու համար պառաւը, որ կը ճանչնար կեանքը։ «Դանկըտելը» ամէնօրեայ արարողութիւն էր լիճին շրջակայքը, բոլոր հայ գեղերուն համար։ Այս մարդիկը կը մորթէին, ուրիշ բան ընել չկրնալնուն։ «Ելլալիք արիւն» բացատրութիւնը սովորական էր ու բաւ, փոքր կռիւներու ընթացքին, առնուած ու տրուած վէրքերը ամոքելու եւ փողոտումի չառաջնորդելու։

 

Նալպանտենց հաճի Աննան արիւնին չափ գուցէ կը զարհուրէր գայթակղութենէն, որ անտիպ ըսուելու չափ բացառիկ էր գեղին բարքերուն։ Հասկնալի էր կռիւը, ոճիրը, մահը, երբ կը սկսին դէմէ դէմ, օղիի սեղաններէն, սահմանի զանցումներէն կամ կոտրած նշանէ մը։ Հո՞ս։ Ու կը զայրանար, առանց զգալի ընելու, ջատուկ ու անխելք իր զայրոյթը։ Ինչո՞ւն էր պէտք։ Արտասանեց մտովի բանաձեւը։ Բայց զգաց, որ կեղծ էր իր վախը նոյնիսկ գայթակղութենէն։ Ինչե՜ր չէին ըսած իր ետեւէն ու երեսին։ Խղճմտանքի հետ հաշտուելու համար մարդ պէտք է քառսունը անցնի։ Անիկա գրողէն իսկ չէր վախնար սա պահուն։ Կեանքէն ձեռնթափ մարմինի՞, դիակի՞ հերոսութիւն։ Ո՜վ գիտէ։ Ամո՜ւր՝ աւելի քան երկաթը։ Այս գիտակցութիւնը թեթեւցուց զինքը կրկին ու նայեցաւ տղուն լացին։ Դասական ու այնքան սպասուած արցունքը կու գար վերջապէս աւլելու տղուն աչքերէն սեւ կրակը` զայն մօտեցնելով մարդկայինին սահմանին։ Իրաւունք ունի ժողովուրդը, երբ ոճիրը կը կապէ մեր մէջի կենդանիին։

 

-- Ձեռքդ ի՛նչ կ՚անցնի, հէ՛յ օղուլ։

 

Իբր թէ դուրսէն նետուած բառեր ըլլային ասոնք, այնքան անյարմար անոր բերանին, բայց այնքան ալ անհրաժեշտ։ Երիտասարդը կրկնեց զանոնք մտովի. յետոյ մռլտաց՝ շրթներով։ Ու թուլցաւ անիկա, կոտրտուելով ինքն իր վրայ, նման մէկու մը, որուն գլուխը մամուռին տակէն կը հաստատէ ապառաժը։ Միտքէն չէր անցներ մեղքնալ, նոյնիսկ կաթիլով, Նալպանտենց Սերոբին, որուն էգ ու գէր մարմինը այնքան անհամակրելի կ՚ընէր արդէն անոր անձը։ Բայց խորհեցաւ բանտին, գուցէ կախաղանին, թէեւ պզտիկ այլուրութեամբ մը, անշրջագի՛ծ՝ ինչպէս մէկ երեսով մշուշի մը մէջէն։ Ոճիրը վախ չունի։ Բայց ի՜նչ ուժգնութեամբ, ի՜նչ պայծառ հոծութեամբ անիկա խորհեցաւ Աղուորին, որ բառ չէր անոր համար։ Ուրիշի՜ մը ծոցը։ Ընդմիշտ առնուած, հեռացուած իր բազուկներէն։ Ու այս պատկերները մտածում չէին, բանտին կամ կախաղանին պէս, անգայտ պայմանումով, այլ՝ կենդանի իրականութիւն, շաղուըւած իր արիւնին։ Ու անոնց կազմուելուն ու ջնջուելուն մշտանորոգ մեքենականութիւնը ցաւի մը պէս կը կոխէր իր սրտին, փոխն ի փոխ հոծելով կամ մեղմելով։ Անհրաժեշտ են այս թուլացումները, որպէսզի դիմանանք։ Մարմինը ինք իր ճնշումէն ալ կրնայ յոգնիլ։ Այս կարգի ուժաթափումէ ետքն էր, որ անոնք կրցան խօսիլ իրարու, աւելի հանդարտ։ Թեթեւ, պարապ հարցեր, մօտէն՝ առանց կապի՝ ողբերգութեան։ Սովորական։ Առօրեայ։ Խրատ չէր տուածը, ոչ ալ աղաչանք ու սպառնալիք։ Հաճի Աննան կը դնէր անոր առաջ շատ պարզ բաներ։ Անիկա խելքն ունեցաւ շահագործելու տղուն հոգեկան վիճակը, խորացնելու ու կազմաւորելու՝ անոր մէջ՝ այն մասնաւոր լինելութիւնը, ըլլալը, որ սեպհականութիւնն է անձնիւր էակի։ Որով կը ճանչցուի մարդու մը հոգեկան գոյնը, հէնքը, յար եւ նման՝ մարմինին համար պատահածին։ Սովորութիւն է այդ գունաւորումին սկիզբը դնել մատաղ պատանութեան մէջ, ուր կը տրուի անոր հանդիպիլ մարդոց մեծ մասին համար։ Ո՞վ չէր ճանչնար Սողոմենց Սողոմը, հրեշտակի ձէնով, գառնուկի հոգիով ադ տղան։ Պառաւը կը հաւատար իր զգայութիւններուն։ Բռնկո՛ւմ։ Կոտորա՛ծ։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ո՞ր մեծ ջուրը կը վախնայ անոնցմէ, երբ խենթեցած՝ կ՚արշաւէ իր հունէն դուրս։ Կ՚անցնին ամպերը ու հոսանքը կը դառնայ իր գողտր գեղեցկութեան։ Ան յանձնարարեց անոր չաճապարել, մտածել ըսելէ եւ ընելէ առաջ։ Կռի՞ւ։ Այո՛։ Ծեծկըւուքը մաս կը կազմէ գեղին կենցաղին։ Այդ վիճակներուն ընկերացող յուզումն ու ելեւէջը՝ հասկնալի։ Այդ է պատճառը թերեւս, որ տակաւին, մինչեւ ուշ ժամանակները, իրար դանկըտելէ անմիջապէս ետքը, գինիին սեղանը դարձող ու աղբօր պէս խմելը շարունակողներ պակաս չէին…։ Երբ պառաւը ելաւ անոր խուցէն, ապահով էր ատ գիշերուան համար։ Բայց խորապէս վրդովուն՝ յառաջիկայով, որ շատ ալ մօտ ըլլալու էր, քանի ան սեռային ասեղին կը մնար կապուած։ Ու «վառօդն ու բամպակը» դրուած էին քով քովի։

 

Դուրսը զով էր։ Օգոստոսի բանուած (ականակուռ պիտի ըսէր դասական բանաստեղծ մը) երկինքը սո՛ւտ եկաւ անոր։ Վասնզի, ի՛նչ ալ ըսեն, տեսնողը մենք ենք եւ ոչ թէ առարկաներն են, որ գեղեցիկ են։ Ան չտեսաւ, ամէն գիշերուան պէս, անկէ անդին փռուած արքայութեան ու դժոխքի պատկերները։ Իր ապրածը, խուցէն ներս, բաւ էր իրեն։ Ու ատ պատճառով ան հաճելի գտաւ այդ կէս-անուշ զովութիւնը։ Ետ հրեց մազերը, քիչ մը թաց, քունքերէն, ուրկէ ուժգին կը զարնէին բաներ, որոնք նոր կ՚որոշէր, մուրճի կշռաւոր հարուածներ տարածուելով հետզհետէ, զոյգ արահետներով, մենանալու [224] համար կեդրոնը անոր ուղեղին։ Ատանկ զարկ, որ ցաւի պէս կոտտար, ան հաստատած էր բաղնիքն ալ։ Ծանր էր մա՛նաւանդ կուրծքը, ճնշուած գլուխէն։ Ատոր համար էր, որ վեր չէր նայեր։ Բայց սանդուխները չկրցաւ առնել սովորական քայլաչափովը, մէկ շունչէն։ «Սրտին տունը» նեղ կու գար։ Սանդուխն ի վեր ան գտաւ իր հոգին [225] ամբոխուած նոր ու դժնդակ բաներէ, վախ, հոգ, յոյս, բեկում, բոլորն ալ իրար անցած [226], տարտամ հիւսքի մէջ։ Ե՞րբ ու ինչպէ՞ս մտաւ անկողինը։ Հիմա չէր յաջողեր յիշել։ Բայց զարմացաւ, որ իր ձեռքերը կը շարժէին, առանց իր ուզելուն։ Երկարեց խեղճ ու խորունկէն զարնող իր մէջքը կակուղ բուրդին վրայ, ուր քնացած էր ատենին Նալպանտենց հաճի Արթինը, կամաց-կամաց աճող սարսուռի մը մէջ։ Հանգչելու սովորական զգայութիւնը կ՚ուշանար։ Փոխարէն՝ բուրդը կարծես սկսէր կարծրանալ, դառնալ աղի ու այրող։ Ան կը նեղուէր մարմինին մերկ մասերէն, որոնք շփման մէջ էին անկողինին հետ։ Բայց քիչ յետոյ զգաց, որ նոյն այդ այրուցքը, քերուըտուքը կար նաեւ իր ծակուծուկերուն ալ մէջ։ Անձկութեամբ սպասեց, որ հանդարտի սիրտը։ Բայց անիկա կ՚ամրանար, իջնելու տեղ։ Մէկէն, ականջներուն մէջ, անորոշ ու լուռ բզզիւնը ճշդուեցաւ։ Բանուկ ու խոշոր զանգակներ հնչումի անցան, շա՛տ, անընդմէջ ու պոռպռան։ Վտանգուած էր անոր անկողինը, որ կը դառնար գլխուն տակ։ Յետոյ՝ զինքը փաղաղող սարսուռը ատեն-ատեն կ՚աճէր, դուրս նետելու, ընդլայնելու համար անոր միսերը, որոնք կը [227] դադրէին իրենց իմաստէն։ Ան կը շփոթէր ոտքերը՝ ձեռքերուն ու գլուխին հետ։ Բայց սաստկապէս կը նեղուէր շունչէն, որ արագ ըլլալուն հակառակ, չէր յաջողեր հանգչեցնել անոր կուրծքը։ Հիւա՞նդ։ Անիկա մտքէն պիտի չանցընէր նման յիմարութիւն մը, ոչ անշուշտ իր մարմինին վրայ իր մեծ հաւատքէն, այլ՝ հաւատքէն մա՛նաւանդ ձեռնարկին, ուր մտած էր Աստուծոյ հրամանով։ Մէկդի ըրաւ վերմակը սակայն ու դուրս հանեց աջ ձեռքը, որ ծանր էր, զատ, անծանօթ ու վրդովիչ ծանրութեամբ մը։ Նոյն այդ զգայութիւնը, աւելի զօրաւոր, եկաւ իրեն ձախ ձեռքէն։ Կարծր, գրեթէ ոլորուած ու ատանկ մնացած երկաթի զգայութիւն մը ատիկա, որ կը զարգանար ներսէն դէպի դուրս, ոսկորներէն մղուելով, որոնց սրինգները կը թուէին լեզու ելլել ու կապերը՝ թոյլ։ Չէր կրնար փոխադրել մարմինը նոյնիսկ թիզ մը անդին։ Ուզեց նմանցնել իր վիճակը սաստիկ ծեծ կերած ու մէկդի նետուած մարմիններու լքումին։ Կը ծանրանար սակայն, օրերով անքուն մէկու նման։ Իր միտքը կ՚աշխատէր բացառիկ յստակութեամբ։ Ան յիշատակէ մը ուրիշի անցքին կեցաւ։ Ու անոր ուղեղը պարպուեցաւ՝ ինչպէս շրջուող գաւաթ մը։ Յիմարութեամբ հաստատեց, որ անցնող երկու ժամերը կը կենային իր ետին, խոշոր, շատ հեռու, տարածուն, կարծես տարիներու պարոյրով մը։ Տարինե՜ր [228], ըսելը եկաւ անոր։ Կը պատահի ասիկա, երբ մեր մէջը [229] ժամանակը թափի երկայնքին եւ ոչ թէ խորքին, ու կիրքերը, դէպքերը շարժելու, յառաջանալու տեղ կլորնան ու աճին, բայց դիմանան։ Շա՞տ կը զգանք, երկա՞ր կը զգանք։ Գուցէ հոդ չէ հարցը։ Հաճի Աննան կը գտնուէր շատ բացառիկ փոփոխութեան մը մուտքին։ Այդ երկու ժամերու ընթացքին անոր տրուած էր սորվիլ մարդերու սիրտէն այնքան շատ ու նոր բան, որքան չէին ճարած իրեն հասուկ տարիքի իր քառսուն տարիները։ Տեսաւ, որ զզուանքով, կատաղութեամբ կը հայհոյէր իր հարսին, այս անգամ կեսուրի հոգեբանութենէն հեռու անձկութեամբ մը։ Սիրտը կը մրմռար (ցաւէն կսկծալ)։ Ու ան կը տագնապէր թափանցումը ընելու այս մասնաւոր ատելութեան։ Մէկէն հասկնալ կարծեց, թէ ինչո՞ւ առաջին օրէն իսկ վախցեր էր հարսին մռայլ ու խոր գեղեցկութենէն։ Ու ակնթարթի մէջ պարզ եղաւ իրեն համար հինգ տարիներու իր մտահոգութիւնները, որոնց մէջ Աղուորին մարմինը յուռութքի պէս պտտեր էր իր տունը, դուրսը, յստակ վտանգի մը բոլոր իրականութեամբը։ Իրաւունք տուաւ իր խելքին, իր զգուշողական հնարքներուն։ Մեղքը շուկայէն գնուելիք [230] ապրանք է երբեմն։ Ու կիներուն հրապոյրը առաջին սահնակն է դէպի կիրքերուն ծովը։ Կու գայ պահը, երբ մեզի համար շրջագիծ ու կեդրոն չունեցող մշուշայնութիւն մը, լինելութիւն մը աջէն ու ձախէն քանի մը հրմշտուկով, պրկումներով, խտացում ու խաչաձեւումներով կը ստանայ իր խուսափուած իմաստը ու կը տեղաւորուի մեր մէջ թէ դուրսը, իբր [231] կարելի միակ իրակ[ան]ութիւնը: [232] Վաթսունի դուռներուն պառաւին տրուեցաւ այս դժնդակ հասողութիւնը։ Ի՞նք։ Անշո՛ւշտ հիմակուան սա խարխուլ, կոտտացող ու ցաւագար մարմինը չէր եղած միայն։ Ան չկրցա՜ւ չխորհիլ իր երիտասարդութեան, որ վերադարձաւ իրեն, սիրելի՝ բայց թշուառ, ճակատագրին բոլոր խոռոչաւոր դատարկութեամբը, նուազ հաւատարիմ, քան արձագանգ մը, աւելի սուտ, քան շո՜ւքը։ Ու ակռաներուն տակ աղալէն ինչ որ յիշատակ կը կոչենք, այսինքն` 40-50 տարիներու բեհեզ [233] ու թարախ հիւսուածը, անիկա մօտիկն էր փղձկելու։ Իրա՞ւ։ Եղա՞ծ էր ինքն ալ այն կախարդութիւնը, համը, գինովութիւնը, որոնց վաւերական պատկերը կը դողդղար աչքերուն դաշտին, Սողոմին ընդմէջէն, Աղուորին մարմնին վրայով։ «Սէրէն չանցնողը [234] միայն գիտէ անոր ուժը» ըսեր են ժողովուրդին երգերը։ Ու յաճախ անոնք խոր ու իրաւ ըսին։ Նալպանտենց հաճի Աննա՜ն։ Հոս-Մնամին աղջի՜կը [235] ։ Հէ՛յ ողորմութեանդ մեռնիմ, Տէր Աստուած…։ Ահա էրիկը, գերեզմանէն ելած, հիւանդ ու դեղին։ Տարաւ ետ, պատկե՜րը, մինչեւ դուռները փեսայութեան։ Ու փնտռեց։ Փնտռեց անիկա պահի ծուէն մը, թռչունի մը կտուցէն կախ ու փախստեայ ծուէն մը, ուր անիկա զգար։ Զգար՝ ինչ որ տեսեր էր սա տղուն աչքերէն։ Յուսակտուր ու անյատակ [236] թշուառութեամբ մը ան ջանաց գտնել պահի, բառի, համի ու հրապոյրի հոգ չէ նոյնիսկ արցունքոտ ջերմութեան բեկորներ, որոնք թրթռային, լուսաւոր, բռնի, չջնջուող, բայց սրտառուչ, բայց ջերմ ու սփոփիչ։ Ոչ մէկ գիշե՜ր։ Ու ոչ մէկ ցերե՜կ։ Ոսկի՛ ու մետա՛քս։ Բայց ոչ մէկ անկողին ու ոչ մէկ մեծութիւն [237], որոնք մօտիկը [238] դրուէին Սողոմէն [239] առաջացած խռովքին։ Ու այս զառիթափէն անիկա փնտռե՜ց նորէն միւս պահերն ալ, ուր շնորհն ըլլար իրեն գտնելու, ճանչնալու լայնքն ու ուժը սա առքին, խենթութեան, որուն մէջ ընկղմած կը քալէր սա տղան, իր հարսին քովերէն։ Ու թշուառ ու տխուր էր բանգէտ, յաջողակ, լեզուանի ու նախանձուած պառաւը, լալու աստիճան, այն պատճառը պարզ, բայց անհաւատալի ցաւով, որ մեր ծերութեան, անկարութեան վկայականը, զինանշանը կ՚ըլլայ, մեր ներսի խորշերուն վստահուած։ Հազար հատ Նալպանտենց Սերոբ, Կարապետ, իրենց բոլոր սալթանաթ ովը չէին կրնար հակակշռել սա աղքատիկ տղան, որ իր սրտէն դուրս ոչինչ [չ]ունէր [240] աշխարհին վրայ։ Ի՜նչ անփոխարինելի բան է ժամանակը, ժամանակին ալ մատաղ մասը, երբ հարս ենք կամ երիտասարդ։ Զոր կը վատնենք այնքան յիմար։ Ի՜նչ տարօրինակ նշխարք է ատ յուռութքը, զոր մեր օրերը կը կեցնեն մեր վրայ, անփոյթ լրջութեամբ եւ որ պառաւներն անգամ դղրդելու զօրութիւն ունի։ Սողոմենց Սողո՜մ։ Նալպանտենց Աննան, առանց վերադիրի։ Եղա՞ծ էր ինք ալ սա տղուն պէս, հրաշք ու դիւթանք, այնքան յեղյեղուած, բայց չտեսնուած կապուտիկ թռչունը, որուն հեքիաթը կայ, բայց ինքը՝ ոչ։ Ա՜ն՝ զոր աւանդութիւնը կը կապէ եղերական ու անկարելի դրուագներու։ Վա՜յ տեսնողին, որ պիտի քալէ արիւնի մէջէն։ Բայց վա՜յ չտեսնողին, որ խոտի մը պէս պիտի երկննայ փայտի մը կուշտին ու պիտի չորնայ անայց ու անխելք։ Պառաւը տարածեց բացուած ճեղքը, ու անկէ դուրս ալ՝ ասեղները իր մտքին։ Անիկա կ՚անգիտանար, թէ կը մտնէր մահացու հիւանդութեան մը հոսանուտին մէջ, որ մեր կարգ մը զգայարանքները կը լարէ բացառիկ ընկալչութեանց։ Ան կ՚անգիտանար, թէ մահուան իմաստութիւնը գերազանց է գիրքերուն բոլոր սորվեցուցածներէն, ու անոր մէջ մէկ գիծի կու գան իրեն պէս պարզերը եւ երկինքները չափող գիտունները։ Ան ընդունելու վրայ էր առաջին թաթը մահուան հարուածին։ Ու տարածեց պատահարը Սողոմին, ոչ ծոցի տղունը, այլ՝ սա խուցի սեւ սիրով մրկած տղու պատահարը, հանդիպելու համար ուրիշներու, որոնք տեւողութեան միաներկ պաստառին վրայ խորան մը, ուռեցք մը, զգեստ մը ունեցան։ Որոնք անուն մը, տեղ մը, թուական մը եղան եւ լացին ու լացուցին, կին, այր, երիտասարդ ու ծերո՜ւկ նոյնիսկ, որոնք զատուած էին կեանքին գորշ կտաւէն, պարտադիր առէջով, ու խա՜ղ, պատմութիւն շինած։ Ու խօսուած, անիծուած, նախանձուած, բայց սիրուած ։ Շինած մա՛նաւանդ արիւնոտ, անհասելի հեքիաթը, որ սիրտէ սիրտ ոստայն նետեց, օր մը դողդողաց արեւին ներքեւ, ծիրանի՜ ու մետաքս, սիրտերը բզկտեց ճակատագրին թաթէն հարուածուն ու մահուան մէջ սուզուեցաւ, բայց չթաղուեցաւ։ Ու ահա անոնք, երգի մը տուներէն, մէկիկ-մէկիկ։ Ի՞նչ կ՚ըսեն, ի՜նչ քիչ կ՚ըսեն երբեմն բառերը։ Մենք կ՚երգենք զանոնք, յաճախ թեթեւ ու այլուրային, առանց վե[ր]ազգալու կայծակը։ Աստուծոյ կրակը, որ սուրի մը բերանով կամ եղունգներու մը [241] դաշոյնով պատռտեց սիրականներուն ու ատողներուն սիրտերը։ Օտար ենք մենէ դուրս շատ բանի, գուցէ ամէնէն աւելի ուրիշին հոգիին։ Ու չենք տառապիր, վասնզի բախտ է, որ խնայուած է այդ թափանցումը շատ շատերուն։ Կը կքինք ուրիշին վայելքին ծանրոցներէն։ Կը սիրենք՝ վասնզի չենք ապրիր։ Սողո՞մը։ Այսպէս կը սիրուէին ուրեմն բոլոր անոնք՝ որոնց անկումները մեր ծիծաղին ծամոցը կ՚ընենք։ Որոնք կը պատուհասենք, բայց ներքնապէս խլուած դէպի անոնց զառիթափը։ Աշխարհին դատաւորները ամէնէն վաւերական ոճրագործն իսկ ստուերի մէջ կը ձգեն, իրենց անգիտակցութեան մէջ ճակատուած ոճիրներով։ Մենք մեր մատին կը փաթթենք սիրոյ մեղքերը ու կ՚ընենք ատիկա, երբ բաւական հեռու ենք մեհեաններուն շրջափակէն։ Ու կը գոհացնենք մեր անսրբագրելի առնութիւնը, երբ կը կախենք [242] ։ Նալպանտենց հաճի Աննան չէր դատեր։ Ռամիկն ու նրբացածը հաւասար կը տառապին իրենց կարգ մը մասերէն ու հաւասար ալ կը հասկնան այդ գիծով։ Անոնք իրարմէ կը տարբերին մանրերակի վրայ միայն։ Պառաւը գրեթէ կը քսուէր մեծ զարտուղումներուն ու անոնց առեղծուածին։ Ի՞նչ ըրին զինքը, որ մէկէն փլաւ իր իսկ հպարտութեան ծոցը, ինչպէս կրակի գուղձ մը, որ կը կոտրի ու կ՚իյնայ օճախին յատակը։ Տեսաւ, որ ինք, Նալպանտենց մեծ խաթունը, ամրազէն ու ապառաժի պէս հաստատ տիկինը, ինկած էր իր փառքէն ու կը չափէր վրիպանքը իր համբաւով կեանքին։ Սեռային զարթօ՞նք։ Ոչ անշուշտ։ Չոր խոտը ուրիշ ճամբաներով պիտի վերադառնայ այդ բախտին։ Բայց եղաւ անիկա շատ մօտիկը անոնց, որոնք տրամներէ անցան ու քակուեցան, քայքայուեցան։ Կը զգա՞ր ապագան, որուն հանգոյցը փրցուցած [243] էր իր ամբարիշտ մատներով եւ որ կը մօտենար իր տունին հոգէառին նման` քալելով տանիքէ տանիք։ Ու եկան իր մտքին բոլոր այն «տուն ու տեղէ հեռու» վիճակները, որոնց վրայ խօսած ատեն իր բերանը սարսափ միայն հոսած էր։ Ու անոնք կը ստանային իրենց յստակ, մեկնելի դիմագիծը։… Ու կը նախանձէր անիկա, ա՛լ ծեր նախանձով մը, իր իսկ կեանքէն, որ անցեր էր աշխարհէն քիչ ու սուտ ըսելու չափ տժգոյն յոյզերով եւ որ փտտեր էր, դեռ աւելի պիտի փտտէր, ինչպէս Հայրապենց Աղբիւրին [244] հնօրեայ կոճը, ա՛լ որդնոտ ու ակռաներէն կրծուած, բայց ով գիտէ ի՛նչ զգալով, երբ արեւի փերթ մը կամ անձրեւի ու ձիւնի լեզուակներ խաղային իր ոսկրացած նեարդներով։ Ան ալ եղեր էր մեծատարած կաղնի։ Ու սիրե՜ր։… Անշուշտ, անոր միտքը չիջաւ մինչեւ այս անդունդները։ Բայց մարդկային ոլորտին վրայ անիկա կը հասկնար բոլոր ծերերը։ Ու դիտեց, որ չէր կրնար բաժնուիլ այս զղջահար զգայութիւններէն ու յուշերէն, [245] հակառակ անոր, որ թեթեւ ասղնտուք մը ատեն-ատեն կը խոցոտէր անոր սիրտին չորս բոլորը։ Հաշուետուութի՞ւն։ Քաղքենիներուն կտա՞կը։ Անոր դէմքը թեթեւ մը լուսաւորուեցաւ։ Ինքզի՞նքը կ՚արդարացնէր։ Ան ունեցեր էր նորէն յուզումներ, մեծն ալ, փոքրն ալ։ Դրուագ, թուական, ամբոխին լեզուին վրայ պտտած սուտ կամ իրաւ պատմուճանով մը։ Բայց պտտեր [246] ։ Հապա ան ուրիշ հազարնե՜րը, պզտիկ իր գեղէն առանց բաժնուելու, որոնք մուշտակ մը չհագան ու տղայ մը չցանկացին։ Ու ելլելով իր գեղէն, հապա այն միլ ու միլիո՜ն արարածները, որոնք նոյն ողբերգութեան գրուած էին աշխարհի ամբողջ լայնքովը։ Որոնք կը ծնէին [247] ու կը չորնային, ճիշդ դաշտի անանուն խոտերուն պէս։ Ո՜վ էր խելացին, որ կը յաւակնէր ոչ թէ գիտնալ, այլ հարցնել նոյնիսկ խորհուրդը այս ընդարձակ տրամին։ Գիշերը կը խորանար։ Պատուհանի մէկ ծայրին, լուսնի շեղբ մը դալկացաւ` ճերմկուկ խորքին իւղոտ փայլ մը ձեւելով։ Հրաւէ՞ր մը դանակի այս բերանը։ Իրերուն իմաստը յաճախ մենէ կը ստեղծենք։ Ելաւ ու նստաւ անկողինին վրայ։ Ու անոր սիրտին զարկերը գիծերու նման կ՚ոլորուէին միսերուն մէջէն, գէր տզրուկներ, իրենց դանդաղ սողքովը։ Տգեղ այս պատկերը նեղեց զինքը։ Ցաւի ուրուաստուեր մը փայլակեց ու անցաւ սրտին դուռներէն։ Ու անմիջապէս ետքը խաղաղ ջնջո՜ւմ մը, որուն մէջը սուզուեցաւ մեծ պատահարը, իրեն կապուած բոլոր ստրջանքներովը։ Անոր հոգին, այս պահուն, երկինքն էր, ամպերէ բռնակալուած։ Ու ասոր երեսին՝ խորունկ ակօսներ, ուրկէ կը հոսէր մէկ ու միակ վիճակը, ա՛ն՝ որ շինած էր ամբողջ ծրարը անոր օրերուն։ Ո՞վ, ինչո՞ւ ետ կը բերէր այդ փոշոտ ու դեղնած բանը, որուն վրայ իբր ծանօթութիւն ժամանակին մեծ վաճառորդներս կը սղագրենք գիներ ու թիւեր, մեր անցեալը, զոր չենք հանդուրժեր, երբ ներկայ չունինք։ Ո՞վ կը ստիպէր զինքը նայելու այդ վերբերումին, կապոց մը նետ, թոյնով ջրդեղուած, որոնք կը մանրադրէին [248] իր օրերը։ Անոնք կը փրթէին ատելութեան հսկայ աղեղէ մը, որուն երկու սայրերը մխուած էին խոր սրտին։ Նայիլ մեր ետի՜ն։ Կ՚ընենք ատիկա, երբ հողը առնուած է ա՛լ մեր ոտքերէն։ Հաճի Աննային ետին կը կենային մահեր, կռիւներ։ Կռիւներ ու բաժինքներ։ Տղան ու անոր աճումը։ Աղջիկներ ու անոնց հարսնացումը։ Յետո՞յ։ Որքա՜ն քիչ էր իր բաժինը այդ ամէնուն մէջ։ Ո՞ւր էր ինքը։ Պատ մը ծակող քարի նման անոր մտքին վրայ յարձակեցաւ իր [249] հսկայ բնազդը, ա՛ն՝ որ շինած էր իր տառապանքը։ Ան գտաւ, որ իր դառնագոյն վիշտերը կու գային իրեն՝ այգիներէն ու ձիթաստաններէն։ Հազիւ ուրուացաւ միւս տառապանքը, որ նետուեցաւ իր ոտքերուն, շուրջը իր փէշերուն ու պատիւին, երբ փորձեցին արատաւորել զայն ծառայի կտորի մը հետ` իր տղան վերագրելով օտար սերմի։ Անդի՞ն։ Ի՞նչն էր լեցուցած մեծ տակառը ժամանակին, որ իր մարմինին ձեւը ունէր ու կը մնար ետ։ Վաթսունի դուռներուն ան զգա՞ց մեծ վրիպանքը, որմէ շինուած եղան անոր օրերը։ Զաւակնե՞րը։ Բայց ունեցեր էր զանոնք օտարներուն համար։ Քաշած անոնց հոգը՝ ու յանձնած անոնց վայելումը հազար օտարին։ Ու չանցած գոնէ ահաւոր գինովութենէն, զոր զաւկի մը մահը կը տարածէ մայրերու անզգածութեան վրայ երբեմն։ Ան դատեց ճիշդ՝ մեծ պարապը կեանքին, առանց բանաստեղծութեան ու առանց յաւակնութեան։ Ի՜նչ է կեանքը, զոր կը յօրինենք այնքան փոքր, բայց անյագ ու լեղի ախորժակներով։ Կեա՛նքը գեղացի կնոջ, որուն զգայարանքները այնքան մօտ են բակի կովին։ Որուն դերը հազիւ աւելի, զամբիկներուն ու մատակներուն իմաստէն։… Տժգոյն, խեղճ՝ խաղեր՝ ինչ որ անցած էին անոր ջիղերէն բաղդատմամբ սա զարհուրագին բանին, որ Սողոմին մարմինն էր եղած անցնող քանի մը ժամերու ընթացքին։ Ու ծեր իր օրերուն սա թշուառագոյն փորձառութիւնը կը ստանար իր ճիշդ կշիռը։ Մեղքնա՞լ, ան ալ օտարին տղուն։ Երբե՛ք։ Այցելեց անոր, պայծառ ու ժպտուն, մերձաւոր ապառնին, երբ պիտի նետէր զայն ալ դուրս ուրիշներու շարքին, Աստուծոյ ողորմութեամբը այն օրէն, ուր պիտի լուսնար, տունին մէջ, խոստումը ժառանգին։ Վաղանցուկ այս ամոքո՜ւմը սակայն։ Չզովացաւ անիկա ու աչքին դէմ, յամառ, կը տապլտկէր երիտասարդին հսկայ նախանձը, նման գլխատուած հաւու մը, որ կը չարչարուի, բայց չի կրնար մեռնիլ։ Ո՞վ էր, որ իրեն փսփսաց, թէ խաբեբաներ ենք բոլորս։ Բայց դառնութի՜ւն՝ որ կ՚ըլլանք ատիկա ամէնէն շատ մենք մեզի դէմ։ Մենք ոճիրները, սիրային տրամները, կարճ ըլլալու համար՝ գլխագիր Տառապանքը կը չափենք, գուցէ ուրիշ բան չկրնալնուս, դատաւորի հոգեբանութեամբ, այսինքն՝ առանց երբեք ճանչնալու ուրիշները, առանց ատոր փոյթն իսկ ունենալու եւ վճիռ կու տանք դատուողէն հիմնովին օտար, գրուած ու սրբագրուած պատգամներու գոհացումին համար։ Ու կը վարժուինք, տարիներու կրկնութեամբ, ստուերը փոխարինել, նոյնացնել անգամ, զայն արձակող առարկային հետ ու թուղթերու պէս կը խաղանք ուրիշներու վիշտերուն հետ։ Ու այս է, որ կը շինէ մեր կրթանքը, մշակոյթը, գեղէ մը կամ աշխարհէ մը՝ անոնց հոգեկան դէմքը։ Այս է պատճառը, որ այնքան սուղ ու քիչ ըլլան անկեղծութեան պահերը մեր մէջ։ Ու ըլլան դարձեալ առեղծուած՝ պահե՜րը, որոնց մէջ մենք կը հաղորդուինք օտարի ցաւին։ Բայց կարգ մը կողմերը, ու ամէնէն յանկուցիչները արդի մշակոյթին արդիւնքը կը մնան այդ առեղծուածային թափանցումին։ Արցունքին ջնջուած օրը աշխարհէն հսկայ բան մը պիտի պակսէր։ Խեղճուկ, պարզ կնիկ՝ հաճի Աննան շատ յստակ չըրաւ այս խելամտումը։ Բայց պղտորուեցաւ յատակէն։ Ան կը վախնար գութէն՝ առանց լսած ըլլալու հանրահռչակ առածը, որ այդ զգացումը կը շփոթէ սիրոյ հետ։ Մեղքնալը սիրել է կ՚ըսեն։ Թող ըսեն քաղքենիները, որոնք տառապանքը չհանդուրժելու, այսինքն՝ չմեղքնալու այնքան նոր ճամբաներ գտած են ու հսկայ անուններով շէնքերու մէջ արգելափակած են ցաւի կերոնները, հիւանդներն ու խենթերը` ազատելու համար իրենց եսը անոնց հետ աչք-աչքի ըլլալու մղձաւանջէն։ Հաճի Աննան ատած էր միայն։ Ու արու է այդ զգացումը։ Անիկա դարձաւ իր վարժութեանցը բազմամեայ հունին։ Ցաւերը տարտամ, հեռուներէն փայլակուող՝ կը քալէին կամաց, բայց չէին զօրեր գրաւելու անոր զգացական կազմածները[. ] [250] ու ան կրցաւ կեդրոնանալ։ Ահա գալի՛քը հաստ, մութ, գէշ։ Նմանցուցէք ատիկա փոթորիկէն դէպի մեզ մղուած մռայլ ամպին։ Նմանցուցէք ատիկա սեւ մշուշէ մը առնուած լերան մը կոնին, ուրկէ շառայլներ ցոլցլան, բայց չտիրեն տակաւին։ Ու կը տեսնէր անիկա այդ գալիքը, վտանգի երրեակ աղեղներով, հաւասարապէս շեշտ ու ահաւոր, ամէն մէկէն կախ ինկած առնուազն խուժդուժ մահացում մը։ Անոնցմէ մէկը լարուած էր արդէն Սողոմին ձեռքերէն։ Միւսնե՞րը։ Այսինքն՝ ինչ որ պիտի գար Սերոբէն։ Այսինքն՝ ինչ որ պիտի գար հարսէն։ Ի՛նչ որ լլկած էր զինքը շաբա՜թ մը ամբողջ, զօրացաւ կրկին ու վերածեց մէկէն իր անկողինը խոնաւ ու բռնկած բանի մը, սա պահուն։ Կը շարունակէր կուրծքը անձկանալ։ Ու անիկա չզգալու համար գրեթէ նիւթական մամուլը ամօթին, մէկ կողմէն հրուած դէպի լիութիւնը իր կեդրոնին, ականջները փակեց լաչակին պոչերովը։ Բայց ո՛ւր կրնայ փախչիլ մեր ուղեղը։ Խուժեց վրան, անսանձ ու ահաւոր, ծոցին առտուն, բայց մա՛նաւանդ օ՜րը, իր լեռնամեծ նեղութեամբը։ Ուրկէ՞ կու գայ բացառիկ յստակութիւնը կարգ մը յիշատակներու։ Ինչո՞ւ երբեմն ժամեր, նոյնիսկ ասոնց բեկորները անջինջ կը սեւեռուին մենէ ներս, շատ անգամ ի հեճուկս մեզի։ Ինչպէ՞ս ելեր էր ոտքի, պտտելու, իր ճոխութեամբն իսկ ամայացած [251] սա տունին մէջ, խօսքի, հրամանի, գործի հզօր պապակով մը։ Ինչպէ՜ս չէր կրցած ուղիղ նայիլ աչքերուն մէջը Աղուորին, որ, կծկուած ու մռայլ, երես էր շինած։ Ամբողջ այդ ցերեկը քալած էր անմեկնելի, անկանգնելի դժբախտութեամբ։ Ինչպէ՜ս կերած էին հացը։ Տեսաւ նորէն իր հարսը, որ մօտեցաւ սեղանին, խաչը հանեց ամէն օրուան նման, մտիկ ըրաւ պառաւին մաղ-մաղ (ծակ) Հայր մերը, բայց չկրցաւ բերանը բանալ հացին։ Յետոյ՝ երկուքն ալ զգացին աճապարանքը իրարմէ զատուելու, քիչ մը աւելի շուտ։ Չէր ցայտած ընտանութիւնը, որ հացին շնորհը կը մնայ ու կը հաշտեցնէ յաճախ մեծ քէները։ Հարսը ելաւ դուրս, անգիտակից յանդգնութեամբ թեւաւոր։ Պառա՛ւը՝ հրուած սեւ ու աղտոտ վախէ մը։ Փողոցէն չախորժող կնիկ, բամբասանքն իսկ անտեսելու վարժուած՝ անիկա ժամեր անցուց դուռէն դուրս, զիջելով օտար սաքուներուն, զբաղելով թոռներուն հետ, միջամտելով անոնց խաղերուն, ա՛յնքան՝ որ ուշադրութիւն հրաւիրեց։ Ոչ ոք մտքէն կ՚անցընէր տագնապը, որ կ՚եփէր զայն՝ ինչպէս փուռ մը կրակ։ Ան առտուն վազած էր ժամ, մոմ վառած ու աղօթած, բայց չէր դարձած անկէ խաղաղ ու կը մնար իր ծփանուտ կսկիծին մէջ։ Դրացիներուն հետ եղաւ պաղ, հակառակ իր ներհակ փափաքին։ Մեր ներքին իրականութիւնը անգամ մը որ անցնի հոգիին շրթները, անգայտ բուրվառումի մը պէս կը պարուրէ մեր արտաքին լինելութիւնը։ Կը խօսինք, բայց ջուրին [252] սուզուածի մը այլուրութեամբը։ Օտարները մեզ կը պիտակեն համաձայն այդ հեղեղումին` հաղորդական կամ ցուրտ դատելով մեզ։ Յայտնի է պատրանքին աղբիւրը։ Ինչո՞ւ խենթեցած էր գրեթէ Աղուորին հետ խօսելու պէտքէն։ Բացուի՜լ։ Որո՞ւ։ Մանկամարդ կինը, առանց պատճառի ու հնարքի, չտուաւ անոր այդ պատեհութիւնը, միշտ ըլլալով կախ-գլուխ, նայուածքովը՝ հեռու, ականջով՝ անտրամադիր։ Հաճի Աննան յստակ կը կարդար այս անտարբերութիւնը, «մեծամտութիւնը»։ «Ու աղջիկ քեզի կ՚ըսեմ, հարսնուկ դուն լսէ»։ Ան անիծեց բակի կենդանիները, թոռները, նոյնիսկ տան կազմածները։ Ու ան հայհոյեց, թեթեւ կրակէ ու գոյնէ, խնամի Բաբէթին հասցէին, որ ան առտուն ժամ չգալէն զատ՝ պարապ ետ էր դարձուցած զինքը «Նալպանտենց տունը» հրաւիրող պզտիկ մը, հիւանդութիւն պատրուակելով։ Բոլորը չունեցան՝ ինչ որ սպասումն էր հաճի Աննային։ Ստոյգը ա՛ն էր, որ տունին մէջ բան մը մեռած էր։ Ու կը զգար ատիկա, շատ պայծառ, հաճի Աննան։ Կատղիլ՝ կատղած էր անիկա։ Քանի՛ ժամերը յառաջացեր էին, ա՛յնքան այդ ցաւը, սուգը, կորուստը աւելցեր էին իրենց կշիռէն ու հաճի Աննան մինակն էր` դատապարտուած կրելու այդ ճնշումը իր վրայ։ Մինչեւ Սողոմին վերադարձը ան անցած էր տագնապին բոլոր աստիճաններէն, իյնալու համար ծառայով ստեղծուած խորխորատին մէջ։ Գիշերը ըրաւ զանոնք իրարու դէմ, արտակարգ լարումով, միշտ առանց բառի, միշտ իրարմէ խոյս տալու, բայց միշտ ալ իրարու հրուած վիճակի մը մէջ։ Տղուն ճակատման պահուն անոր ուժը, վճռականութիւնը լքեցին զայն, երբ սեղանը մէկտեղեց զիրենք։ Ու չկրցաւ խօսիլ Աղուորին հետ, որ չուզեց նայիլ ու լսել։ Ի զուր անիկա փորձեց հրահանգել հարսը յառաջիկայ գիշերով։ Ան փակուած էր արդէն ներս իր սենեակէն, սեղանն անգամ չվերցուցած գետինէն։ Ինչպէ՞ս անցեր էր ժամանակը։ Ու կործանած, առանց իսկ խորհելու, թէ ինչ կրնար պատահիլ, աւելի ճիշդը՝ պարպուած միտքէն ու ջիղերէն, ան՝ Նալպանտենց հաճի Աննան, ելած էր իր կարգին, տղայէն խուսափելով, փակուելու սանդուխի գլխուն, իր սենեակին խորը, [253] ընելով աչքերը կոյր, ականջները խուլ կրկնուելիք մեղքին դիմաց։ Երկրորդ առտուն, զարհուրած իր առանձնութենէն, սրտին քար դրաւ ու խօսեցաւ հարսին հետ։ Հրամանն էր մայրը կանչել։ Բայց ի՜նչ դառն, ճակատագրական էր այս սկիզբը։ Սրտառուչ տեղատուութի՜ւն, որ կը սպասէ ութսունէն ետքը, բոլոր ծերութիւններուն, երբ մարմինը, մա՛նաւանդ միտքը ա՛լ փլատակ մըն է եւ կը նետուի անկիւնի մը անկողինին։ Վաթսունի՞ն։ Հաճի Աննան կը հարուածուէր կեսուրի աւանդական ու նուիրական իրաւունքներուն մէջ, նախանձելի ու մեծ հոգածութեամբ տիրապետուած այն կարգ մը շնորհներուն, օրէնքներուն մէջ, որոնց հրապոյրը բաւական զօրաւոր է կիները քաշկռտելու համար մինչեւ դուռները անտանելի պառաւութեան։ Մինչեւ խնամի Բաբէթին գալը՝ անիկա ձեռքերը ծեծեց ծունկերուն` խօսելով ինքնիրեն [254], վռնտելով կատուն, չախելով նոյնիսկ անշունչ իրերը, վարագոյրները, պողը [255], անդրադառնալով իր յիմարութեան, մեղադրելով իր աչքըլած բնազդները։ Տեսնելու բան էր այդ ամբարտաւան ու նուաճող կինը, իր կործանումին սա պարզ պատկերին դէմ, ինչպէ՜ս կը նուաճուէր քիչ-քիչ, նուաստ, աղտոտ բեկումէ մը, որ մէկ հարուածով անկէ կը հալեցնէր քառասուն տարուան հպարտութիւն եւ վստահութիւն։ Երկու խնամիները, փակուած օճախով սենեակը, առատ անէծքներէ, աղօթքէ եւ օրհներգէ ետք, արժեցուցին իրենց մեղսակցութիւնը։ Անոնք վարանոտ ու տարտամ բանաձեւերու վրայէն հաշտութեան եզր մը գտնել փորձեցին, հարսին հետ վարուելու։ Ու թշուառ, ողորմելի էր հզօր պառաւը շատ աւելի՝ քան իր իսկ հեղինակած պատահարը։ Անիկա պատրանք չունէր կորուստին, իր բառովը՝ «թափուած»ին վրայ։ Ու անոր աչքին, ա՛լ կը մեռնէր սա տունը, իր «շէնքին ու շնորհքին» մէջ։ Մեռած մա՛նաւանդ չմեռնելիք միւս բա՛նը, որ տուն մը կը պաշտպանէ ներսէն ու դուրսէն ու կ՚ընէ անոր ոլորտը սուրբ ու խորհրդաւոր՝ ինչպէս պատսպարուած փեթակ մը։ Մեղքերուն ամէնէն հզօրը կ՚աճէր անոր ծոցը։ Ու վերի Աստուածը անշուշտ բանջար չէր քաղեր ամպերուն ետին։ Ով գիտէ ի՛նչ փորձանքներ ճամբու դրուած էին Նալպանտենց հասցէին։ Աչքը չէր կրնար  [256] գոցել ու չէր կրնար ազատել ինքզինքը իր յիշատակներուն խուժումէն։ Ան հարսին հետ մնաց պաշտօնական։ Մինչեւ իր տղուն ժամանումը անոր դէմքէն փախաւ հեղինակաւոր ու խիստ հովը, որով տաղաւարուած ան կը պտտէր փողոցէ փողոց, տունէ տուն։ Ունէ՞ր զօրաւոր պատճառներ, ինքզինքը տեսնելու համար նկուն այս վիճակին։ Իրողութիւն էր, որ բոլոր այդ զօրաւոր նկատուած պատճառները անգոյ էին Աղուորին։ Հարսը հեռու էր բոլորովին երես առած այդ հովէն։

 

***

Նալպանտենց հարսը փոխուած էր։ Բայց օտար գետնի վրայ։ Կեսուրը կասկածն իսկ չունէր այդ փոփոխութեան։

 

Ծոցին երկրորդ օրն իսկ, ան գտաւ, կարծես հրաշքով, անորակելի այն կնիքը, որով կը զանազանուին կիները աղջիկներէն։ Տակաւին պարմանութեան տարիներէն իր վրայ յամառող խակ ու գոց բանը, որ շրջապատին վրայ տեսակ մը կուսական պատրանք կը դիմացնէր ու կեսուրին առջեւ խիպ ու յարգանքի կը վերածուէր, մեռած էր մոգական հարուածէն, յանկարծակի ու արագ, վասնզի տարիքը միջամտած էր եւ համառօտած վարժութեան, ձգձգման բաժինները, որոնք օտար աղջիկ մը կտոր-կտոր նոր տունին վրայ կը հիւսեն, ու կին կ՚ընեն։ Սովորատի հարսները տարուան մը մէջ հազիւ կը ճարեն այդ ջնարակը։ Գնաց նորէն մանկունակ այդ հովին հետ միւս աներեւոյթ, բայց զգալի գոլը, որ սեռային մթնոլորտն է կնոջ մը շուրջը եւ կ՚ընէ այնքան ծփուն անոր փէշերը, գոլը՝ համադրուած ու հեղուող ճառագայթումին, արգանդին արեւներէն։ Որ կը թաւալի կնոջ մը յորձանումին մէջ ու կը տպաւորէ արուները անվրէպ, բնազդական ձգողութեամբ մը։ Ամէն կին կը լողայ այդ հոսանուտին մէջ։ Բացուեցան կապերը անոր երեսներուն, որոնք մանուկը կը դիմացնեն ու չեն պատռիր [257], փետտուիր համբոյրով կամ ատամներով։ Ու թռաւ վրայէն խրտչուն ու անխելք բռնուա՛ծքը այտի ու աչքի, որով ճանաչելի կ՚ըլլան, շատ հեռուներէն, իրենք իրենցմէ դողահար աղջիկները։ Կարծես նոր երեսներ, անոնցմէ՝ որոնք զգլխիչ համերու կը տարուին վաւերական, արնատիպ համբոյրներուն աղովը, եկան փոխարինելու պատռուածը, վերցուածը։ Ու կին եղաւ անիկա, հինգ տարիներ միս միայն [258] ըլլալէ ետքը։ Ու քալել կրցաւ անիկա, մէջքը շիտակ, գերագոյն առանցքին ամրութեան մէջ ապահով։ Ու, մա՛նաւանդ՝ հարուստ, ողողուած՝ արգանդին ա՛լ ինքնաբաւ վստահութեամբը, անո՛վ՝ որ կինը կ՚առաջնորդէ գերագոյն իր հպարտութեան, իր իմաստին։ Այս [259] ձեւերով է, որ կը շարունակուի կեանքին անհաս պատրանքը օղակէ օղակ ու կը տեւէ գոյութեան խախուտ առասպելը, որմէ այնքան քիչ է գիտցածնիս։ Ու անիկա նայեցաւ աշխարհին պարտադիր [260] իր նայուածքը։ Ու փոխուեցաւ անոր հոգին։ Հաճոյքը կ՚աւլէ ժանգը մեր զգայարանքներէն, որոնք կը նորոգուին ու կը նորոգեն մեզ։ Սեռային վայելքը գերազանց աստիճանն է այդ վիճակներուն։ Ներքին խնդում էին անոր աչքերը, դարձած միշտ դէպի ներս, ըլլալով նոյն ատեն զուսպ ու անտես կրակ շրջապատին վրայ։ Իր քովերէն թափառող քաղցրութիւնը կը լրջանար սակայն` առանց հերքելու խառնուածքին հոսումը։ Կ՚ըլլար անիկա ծանր, ու ատով՝ ա՛լ հանգչած կենդանին, որ, կտղուցէն յետոյ, մայրը կը լուսապսակէ շատ հեռուներէն։ Ի՛նչ որ կարելի էր անսովոր նկատել իր մօտ, ճակտի, դէմքի, մա՛նաւանդ յօնքի գիծերուն այն խստացումն էր, որ կը հակասէր ընթացիկ օրէնքը, ա՛ն՝ որ ապօրէն որակուած գոհացումներու այնքան յաճախ դիտուող մեղմացման, փափկացման փաստերը կու տայ շնացողներու կեանքէն եւ զոր փորձառու կեսուրները, ճամբու ճամբորդներ [261], կը ճանչնան այնքան արագ։ Բայց հոս, բացատրելի էր այս զառածումը։ Մինչեւ վերջին շունչը Աղուորը պիտի չդադրէր ինքզինքը անմեղ հռչակելէ հանրային դատաստանին առջեւ։ Ու կը նայէր ան կեսուրին, հաստատ ու կորովի։ Կուշտ։ Բայց անոր ներսերէն, բացառիկ, անշրջագիծ խռովք մը անհաս մնաց նոյնիսկ գիտցողներուն։ Եղկելի էր անիկա Սողոմին հետ քով-քովի ինկած պահերուն, օտարին կամ կեսրոջը աչքին առջեւ։ Հակառակ բուռն յանձնառութեանց՝ անիկա վրիպեցաւ ամէն անգամ ինքզինքը կանգուն պահելէ, երբ տղուն ստուերը երերաց իր մօտ։ Ի՛նչ կ՚ամչնար ինքնիրմէ այս պարտութեան ու անոր հետեւանք կեղծիքին համար։ Կ՚ամչնար` լոյսին մէջէն մտաբերելով մութը, որուն մէջ կը փաթթէր իր նկատումները, աշխարհին սորվեցուցած ու պահանջած բոլոր յիմարութիւնները ու կ՚իյնար տղուն մէջ գինովի, մագնիսացածի մը պէս, աչքերը, շունչը ամուր գոցած, խղդուելու մտքով ծով նետուածի մը պէս, բայց հետզհետէ քակուելով իր պրկուածութենէն, գտնելով լոգանքին արձակութիւնը եւ վայելքին առքը, տանող՝ որքան անդիմադրելի։ Այս հակադրութիւնը չէր փախչեր անոր նկատառումէն ու կը չարչարէր անոր մաքուր, անփորձ մնացած հոգին։ Մինչեւ էրկանը վերադարձը, պատահարէն ու անոր կապուած զգայութեանց այս հանդէսէն [262] անիկա ոչինչ խօսեցաւ մօրը, որ, մեղքէն ու անոր հետեւելիք անբախտութեանց մղձաւանջէն հալածական, կը զգուշանար մօտենալ անլուր արարքին։ Չխօսեցաւ դարձեալ կեսրոջը, որ Սողոմին վրայ իր գիւտերէն կը բարձրանար իր կառուցումներուն ու հաշիւներուն, ամչնալու չափ փոքրացած Սարեկենց աղջիկին դիմաց։ Ի՜նչ օրերու հասցուցած էին զինքը իր ընչաքաղց բնազդները։ Ու մէկիկ-մէկիկ անիկա մտքին մէջէն կը կանչէր անունները ամուլ հարսներուն, որոնք տուն ու տեղ կը պահէին, վարդի պէս կը հագուէին, փառաւոր ծերութեանց կը սահմանուէին՝ սպասելով արդար մահուան մը։ Ան կը նեղուէր ի հաշիւ իր ու բոլոր հարուստներուն, որոնք յաճախ կը մոռնան իրենց հոգիները ու միշտ առնուած կ՚ըլլան սադայէլին խայծերէն։

 

Էրկանը հետ Աղուորին անկողինը եղաւ նոյնքան ողբերգական, որքան եղած էր, նոյն պահուն, վարի խուցին մէջ ճակատումը Սողոմին ու հաճի Աննային։

 

Մռայլ, մտահոգ իրեն անծանօթ բանէ մը, գրեթէ աղջիկի մը պէս, որ առագաստ կը մտնէ՝ անիկա վերցուց վերմակը Սերոբին։ Անոնք փնտռեցին ու գտան, աւելի մեծ աստիճանի մը վրայ, այն խանդը, որուն ա՛լ վարժուած էին, ամէն անգամ, որ էրիկը դառնար քաղաքէն։ Ասիկա իր պատրանքէն կոտրած ու պարպուած շօշափում մըն էր, ճմլըւում մը իրենց համար, որոնց կ՚ենթարկէին ուրիշ բանի անկարող իրենց խեղճ անկողինը։ Քաղաքին մէջ անցուած պարարտ, գրգռիչ շաբաթները, ջերմուկներուն, դեղերուն [263], պոռնիկներուն ու յուռութքներուն ազդած հոգեխօսական կրկներեւոյթը, ցանկութեան ու տարփանքի հզօր պատկերացումներ, հեռաւորութեամբ ուժովցած, ու կարօտով ջերմացած՝ իրարու կը միանային` ստեղծելու համար սեռային գործողութեան մնջկատակումը, որուն ճակատագիրն էր սպառիլ ու իյնալ անհուն սրտաբեկութեան մը վրայ։ Այսպէս էր ասիկա տարիներէ ի վեր։ Ու կրկնուեցաւ եղերական տեսարանումը, որուն մէջ դերակատարներէն մին իր դերը սկսաւ նոր ու յանդուգն խաղարկութեամբ մը` զարմացնելու աստիճան խաղընկերը։ Անսովորը ա՛ն էր, որ խաղը չքալեց դէպի պայմանադրական հանգոյցը։ Քանի մը վայրկեան հազիւ։ Նալպանտենց հարսը անհուն զզուանքով մը, զոր մէկ հարուածով գտեր էր ան, լքեց բեմը եւ քաշուեցաւ իր անկողինը` առանց բառի ծուէն մը հանելու բերնէն։ Անիկա զարմացուց իր էրիկը, մատնող, նոր, իմաստալից ու լեցուն իր շարժումներովը, որքան լռութեամբը, որ կը հոսէին անոր միսերէն։ Ան զրահուեցաւ իր պատեանին մէջ։ Չմեղքցաւ ամէն անգամուան պէս, անոր կործանումին դէմ, միշտ այնքան նուաստ ու վիրաւորիչ։ Արցո՜ւնք։ Պիտի սպասէր Աղուորին, որ իր մատները պիտի թաղէր անոր քրտնած մազերուն ու անոնց լուռ, հասկնալի լեզուովը պիտի ամոքէր անոր թշուառ, անկարող ամօթը։ Չպատասխանեց սակայն էրկանը կանչին, որուն բարկութիւնը մեղմ էր աւելի, ու հայհոյանքը՝ չէզոք։ Գրգռուած էր անիկա իրեն անծանօթ սաստկութեամբ մը, որ կը հարուածէր անոր կոպերուն տակերը, ու մինչեւ սիրտը, լացնելու չափ խիստ ասղնտուքով մը։ Ու նոյն այդ փո՛ւշ-փո՛ւշ զգայութիւնները, բոլոր այն կէտերէն, որոնց դպած էին էրկանը մատները եւ կը կճէին զինքը` նախատինքի մը պէս։ Տեւողութիւնը երբեմն կ՚աշխատի ի հաշիւ մեր յուզումներուն մեղմացումին։ Երբեմն կը համադրէ, կը կապարէ անոնց տարտղնումը եւ երկանաքարի մը պէս կը կախէ զանոնք մեր ներսէն։ Զսպեց անիկա ձայնին խուժումը, ուր կու գային բացուելու զայն խռովող խթանումները։ Ակռաներուն մէջ նետեց վերմակին ծայրը, մինչ աչքերէն կու գար ջուրը առատ, հաստ` թրջելով մինչեւ բարձը։ Սենեակին մէջ մութը կարծես ազդուած ըլլար ու մտած գաղտնիքին մէջը այս տառապումին։ Կը զգանք ատիկա յաճախ ու կը վախնանք։ Էրիկը փնտռեց լուցկին։ Չէր հայհոյեր՝ ինչպէս սովորութիւնն էր ընել։ Թեթեւ, սրտաճմլիկ հառաչանք մըն էր, աղկաղկ միսերու կոյտ մը։ Կարծես չեղող կանթեղ մը ըլլար, որ պլպլար սակայն, աւելի քան արգահատելի, էրիկմարդու լացին այդ փոփոխակը, որ դժբախտութեանց մէջ աւելի կը ճնշէ, քան հերարձակ [264] ճիչն ու արցունքը կիներուն։ Վառեց անիկա սիկարը կայծքարով, լոյսէն վախուն, չտեսնելու համար պատկերը դէմի անկողինին։ Ու պահէ պահ մութը կ՚արիւնէր անոր գլխուն շուրջը, կը շառաւիղէր ատրաշէկ գամերու մեծ գլուխներ, կայծկլտուն ու դիւրասահ, ճիշդ ինչպէս կը տեսնէր անիկա այդ խաղը դարբիններուն սալին։ Կը տարուինք այս անկարեւոր բաներով, երբ մեր աչքերը չեն բացուիր, չեն կրնար` բռնուած ըլլալով անորոշ, բայց լման, մեզ լիովին ընդգրկող զգայութիւններէ [265] ։ Չելաւ անիկա անկողինէն։ Չկանչեց ալ։ Ու գեղին վրայ, գիշերը կ՚ըլլար քիչ-քիչ խորունկ ու միակտուր։ Տանիքներուն տակ օրը կը դադրէր իր զրկանքներէն ու հեւքէն։ Ու կը հալէր կեանքը ինքն իր մէջ ու պարապին վրայ։ Ինչո՞ւ միտքին ներկայացան քաղաքէն միասին դարձած քանի մը իրաւ հիւանդները, երկուքը բոլորովին թարմատի, նշանուած ու միամիտ, որոնք իրենք զիրենք կը պատրաստէին հարսնիքի, մինչ սահմանուած էին մօտաւոր գերեզմանի։ Մխիթարեց ինքզինքը ու հպարտ եղաւ իր մարմնով, որ այս տարի աւելի արթննալ գիտցաւ։ Յետոյ եկան տեղ առնելու ուրիշ հոգեր, վայելք ու տենչ, հողէն՝ իբր արտաքին իրողութիւն, կալուածներէն, որոնք մարդուն մէջքը կը քառապատկեն, առնելիքներէն ու բերքերէն։ Քնացաւ անիկա յոյսին ու տենդին սա փրթուճ խաղաղութեանը մէջ, որ մեզի կարելի կ՚ընէ ապրիլը։ Երբ Աղուորը առաւ անոր խռլտուքին այնքան ծանօթ, ատելի եւ թուլիկ շեշտը, քակեց կծիկը իր անդամներուն։ Կուրծքը լեցուեցաւ ազատ օդով։ Դիակի պէս այդ քունը անծակ էր ու անոր էրիկը չէր արթննար նոյնիսկ, երբ ոտքէն քաշտէին [266] ու տանէին։ Իբր թէ մինակ ըլլար՝ ան նստեցաւ, անհոգ, անկողինին վրայ։

 

Սահեցաւ վրայէն, խորխի մը պէս, կծկուած, ոզնիի իր կրաւորութիւնը։ Հանգչեցաւ կճրտուքը իր ակռաներէն։ Ճնշումէ այս քակուելուն յաջորդեց դաշն ու քաղցր լքում մը, անսովոր ըսուելու չափ հեշտ, ուր անոր մարմինը կը լուծուէր կարծես շաքարի գունջի մը պէս, սկսելով ընդհանուր պղտորումէն, վերածուելու համար շատ յստակ կեդրոններու։ Ու որոնող անոր մատները գտան հարցումներ իր միսերուն զանազան կէտերէն։ Փաթթեցին զանիկա շօշափելի, եղկ մուխեր, որոնք պայծառ լեզուներու պէս կը լզէին զինքը, շատ մասնաւոր ու արտայայտիչ։ Ո՞վ էր, որ իր վրան կը ղրկէր այս քսքսուքները։ Թօթուեց ինքզինքը, պատռտելու համար պատրաստուող գալարանքը, որ կը պրկէր անոր զիստերը, աճուկները եւ արգանդին խորը կը ծեծէր մուրճի մը պէս, յստակ-յստակ, բայց ջերմ, կսկծուտ։ Ու ահա աւելի անակնկալը։ Անոր միտքը ողողուեցաւ, նիւթապէս ու նոյնքան շօշափելի, Սողոմին պատկերովը, երկարած իր վրան ամբողջ ու պատանի, թարմ ու անխուսափելի, որ կը փաղաղէր զինքը` սեղմելով ու լայնելով իր մարմինը։ Տաքցաւ ու թրթռաց։ Տեսաւ, որ կը պատրաստուէր ոտքի ելլելու։ Մղումին տակն էր մտապատկերին։ Մտածո՜ւմը՝ յիմար ու տղայական, ելլելու սա սենեակէն` իջնելու համար Սողոմին ծոցը։ Զարմացաւ սակայն, որ բոցը եկեր ու անցեր էր ու հանդարտած էին իր զգայարանքները։ Ինչպէ՜ս եւ ո՜ւր գնաց այդ ամբոխանքը անոր ջղային կեդրոններուն։ Հանդարտ էր տղուն ոգեկոչումը, ու զերծ՝ հեշտական, սարսռագին այն հոծութենէն, որով լեցուն ունէր ան իր ցերեկները, երբ կը սպասէր անոր գիշերին։ Ինչո՞ւ այս այցը, այսքան տարբեր։ Իր մարմինին մէկ որոշ կէտին, ան զգաց հեռաւոր աղօտանք մը։ Ու իր միսերուն վրայ ցաւին մշուշները կը պտտէին, ինչպէս կը պատահի ատիկա, անձրեւէն ետքը, բլուրի կողերուն։ Կեցած էր Սերոբին խորդալը։ Այս լռութիւնը դարձուց զինքը էրկանը։ Խուլ, ցասուն, ցաւի մը պէս կճող ատելութիւն մըն էր ուրուացածը ներսէն։ Քանի մը տարի է, որ վարժուած էր ատոր, իբր հետեւանք սեռային գրգռումին, որ մեր ջիղերը կը յօրինէ մեզի անծանօթ արշաւներու եւ կ՚արտայայտուի օտար դիմակներով։ Երբեմն բարեպաշտութիւն, երբեմն բարիքի լար, երբեմն չարութիւն ու բոլոր զառածումները, երբ երիտասարդ կնոջ մը մէջ արգանդն է տիրողը։ Իրաւ է, թէ յաճախ, առտուան լոյսին հետ անոր կը դառնային խառնուածքը, քաղցրութիւնը, համակերպումը։ Բայց ահա այս գիշեր անիկա հեռու էր նման եղկացումէ։ Ո՛չ մէկ նպաստ, այդ ուղղութեամբ, անոր խորքերէն։ Կարծես թէ ընդմիշտ պատռուած ըլլար իր մէջ այդ երակը։ Գութը՝ սե՛ռն է։ Բայց անգթութի՞ւնը։ Չորցած էր անոր հոգին։ Չմտաբերեց իսկական աղբիւրը այս չարութեան, որ պահուըտած է մեր խորերը եւ մեր հզօրագոյն բնազդներուն կ՚ենթարկուի` առաջնորդելով, անթափանց բաւիղներէ, սեռային սլաքը դէպի առեղծուածային դաշտերը կեանքին։ Ու բացուեցան անոր մտքին մէջ սեւութեան տափաստաններ [267] ։ Առանց կենալու անոնց սեւեռումին՝ անիկա արագ-արագ կը փոխէր մտապատկերները։ Ու զայրացնող [268] միօրինակութի՜ւնը այս ամէնուն։ Իր օրե՞րը։ Բայց ուրիշ ի՛նչ։ Եղանակի, գործի, պահի նոյն երանգներով, ձեւուած նոյն մկրատէն, ու դրուած՝ նոյն թակոյկին մէջ, նոյն ներկը առնելու, թակոյկը գորշ, անիմաստ, աներազ ձանձրոյթին։ Իր օրե՞րը։ Որոնք պիտի տային դարձեալ իր գիշերները, կարուած [269] նոյն կերպասէն, սեւ պատմուճաններ, ծածկելու իր միսերը, աւելի յստակ՝ կուրծքը եւ դեռ ուրիշ բաներ, բացառաբար նոր ու սարսռագին։ Ու պիտի տային իրեն կրկին իր ցերեկները, այնպէս՝ ինչպէս էին անոնք հինգ տարիներէ ի վեր, ուրիշին համար։ Ուրիշէն չկասկածուած ողբերգութեամբ մը պսակաւոր։ Այս պատկերն[եր]էն [270] կը զատուէր, մա՛նաւանդ զրկանքի խոշորագոյն փաստը, որ կը լեռնանար ու կը փակէր ամբողջ հորիզոնը անոր հոգիին, զինքը նետելու համար իրաւ, եղած պահերու [271] (երազ չէին անոնք), մօտիկ ժամանակէն, շողը վրան պտուղներու պէս սրտառուչ, խենթեցնող, անանուն, անկասելի այդ պահերուն, այնքան պարզ սակայն, որքան անմեկնելի, բայց որոնք կ՚արժեն, կ՚արժէին կեանքէն ալ աւելի։ Անիկա որոշեց, երդումով, լուսնալուն իսկ, պատռտելու կեղծիքին եւ ստոր սուտին սա զգեստը, որուն մէջ կը պտտցնէին զինքը տարիներէ ի վեր։ Անկողինի հերոսութիւն, դիւրին ու զօրաւոր, երբ մութով ու բամպակով է պաշտպանուած եւ որ կը խորտակուի, հալուող մշուշի պէս, օրուան, իրողութեանց կրակէն։ Դիտուած է, որ անիկա շատերու մօտ կը փոխարինէ գործողութեան զգայարանքը` նկարագիր դառնալով։ Փորձեց քնանալ։ Բայց գունդերը կ՚այրէին։ Ու անկարելի էր փակել կոպերը։ Ուրիշ ամէն զգայութիւն կը թուլցնէր զինքը իր հիմնական վիճակէն։ Ու արագութեամբ, որով եկած էր, գնաց զինքը զօրաւոր ընող ներքին հեղումը։ Այս տկարացման զուգահեռ՝ եկան դիրք բռնելու լուռ ու գորշ բաներ, զորս կը սորվինք կեանքէն, գուցէ նման պահերու համար միայն։ Իր անո՜ւնը [272] ։ Մա՜յրը։ Աղբրտա՜նքը։ Գե՜ղը։ Գայթակղութի՜ւնը։ (Ինչո՞ւ չընկերացաւ էրիկը այս խուժումներուն)։ Զատ-զատ չէր զբաղեր անոնց հետ։ Բայց կը զգար, որ կշիռ ունէին։ Կը խաբէ՞ր ինքզինքը` ետ հրելու համար խուլ սողոսկումը, որ պղպջակ առ պղպջակ կը հաւաքուէր հեռուներէն ու կերպ կը դառնար։ Ու ահա՝ յեղակարծ, բռնաւոր, զարհուրելի՝ բայց կախարդ՝ Սողո՜մը։ Ուրիշ գիծէ։ Քիչ առաջ այնքան հանդարտ դիմաւորուած այդ պատկերը հիմա ունեցաւ երկիւղառիթ թափանցում։ Անոր ցոլացումը տաքցուց, տարբեր երակով, մէկ մասը իր մարմինին։ Արագ ու խուսափուկ բռնկում, տրտմօրէն, դաժանօրէն տեղաւորուած։ Ամօթէն, խուժեց ինք իրմէ վեր, դէպի շրթները, ուր դողդողաց նոյն այդ ջերմութիւնը ու իրեն այնպէս եկաւ, որ բառեր կային անոնց վրայ, սողոսկող, բայց չելլող։ Վերցուց գլուխը բարձէն` զննելու համար էրկանը անկողինը։ Չունէր վախ։ Նախա՞նձ։ Բայց որո՛ւ հաշւոյն։ Կը սիրէ՞ր։ Գեղացին այդ բառը չունի։ Ինչպէս չկայ անիկա հայեցի տարազով մեր հին ու աշուղական գրականութեան մէջ։ Զայն վարկաբեկ ըրած է եկեղեցին` հագցնելով ահաւոր տարազ։ Մեր երգերը այդ վիճակին համար կը գործածեն օտարազգի բացատրութիւններ։ Կը սիրէ՞ր։ Բայց Նալպանտենց Աղուորը կը կրկնէր, քանի մը հազար տարիներու վրայով, վիճակին մայր օրէնքները իր մէջ։ Բա՜ռը։ Թող գործածեն զայն մեր ժամանակները։ Նալպանտենց հարսին համար յստակ էր անիկա, Սողոմին կարօտը` պարզ, իրաւ։ Ու աւելի յստակ՝ անոր ծոցը։ Աւելի ետքը դէպի քերթուած կը յառնէ այս վիճակը եւ կը թռի ոճիրէ ոճիր։ Բայց աւելի՜ ետք։ Գալարուեցաւ անիկա ողնայարին վրայ։ Ամբողջացած էր պատկերը։ Կ՚ուզէր եւ ունէր զայն, կուշտին, հիւսուած իր զիստերուն, փաթթուած իր հնազանդ մարմինին, բայց ապրելով բերանէն այնքան թարմ ու զօրաւոր, այր ու պատանի [273] նոյն շրթունքներով։ Ուզե՛ց, աւելի հզօր, դղրդուն եւ հեծկլտագին այն [274] վիճակին պէս, որուն մէջ իր միսերը կը շաղուըւէին։ Գրեթէ բազուկներ հրեցին զինքը կռնակէն ու նստեցուցին։ Լուռ էր Սերոբին անկողինը: [275] Դալկահար ու թշուառ (հոգին ունի իր դալկութիւնները), շատ մօտիկը գութին։ Սերոբէն փարատած էր խժլտուկը եւ շունչը իջած իր բնական կշռոյթին։ Լոյս մը գուցէ լրացնէր անոր մէջ ուրուացող պատկերը, այդպէս թշուառ դէմքէն անդրադարձնելով հոծ տրտմութիւններ։ Խղճի խա՞յթ։ Բայց չկրցաւ ըլլալ այդ անձուկը անկէ ներս։ Երկարեց ինքզինքը նորէն, շատ բան յանձնելով իր տագնապներէն, վերմակին։ Ան վախցաւ անգամ մըն ալ, ուրուացող բանէ մը, զոր չէր կրնար տարազել։ Բայց պարտուեցաւ։ Խեղճ ու դալկահար ու թշուառական հարսնուկն էր ան, որ չէր յաջողած վանել տղան, հիմա կանգուն անոր ուղեղին վրայ ու երկարած իր ծոցին նոյն ատեն` ուրուային ու իրաւ։ Յանկարծ հարցուց, բայց ո՞ւր կ՚երթային իրենց ճամբաները։ Գրեթէ դատեց ու պիտակեց անխելք, անբացատրելի եղելութիւնը, որ երկուքին ալ մարմինները անցուցեր էր նոյն շամփուրին: [276] Բայց անկէ անդի՜ն։ Հիմնականը։ Անիկա զարմացաւ ալ։ Ինչո՞ւ այսքան ուշ կը յառնէր շաբթուան գերագոյն մտահոգութիւնը։ Ժամերով անոր միտքը կ՚ալեկոծէր այդ մտածումով։ Ու սուզուեցաւ անիկա իր արգանդին մէջ, ութ օրէ ի վեր այնքան իրաւ, տէր ու տիրական, որ կ՚անցնէր իր դերին, բանտուած թագուհիի մը նման` գտնելով մէկէն լոյսին ու արիւնին, սերմին ու յուզումին գաղջ ու հզօր զգլխանքը, անձրեւները։ Ու նոյն մառախուղին խորէն՝ արե՜ւը գալիք զաւակին։ Հեքիաթին աղջկան նման, որուն արգանդէն արեւ ու լուսնկայ են բխած։ Բայց անիկա փոքրացուց պատահարը` բերելով ասդին քմայքին սահմաններէն։ Ո՞վ պիտի ըլլար անոր հայրը։ Իրեն համար շատ պարզ այս հարցականը պատասխան չունէր դուրսին համար։ Ու հեղեղի պէս, գալի՛քը, որ քալեց, քալեց, չհատաւ։ Այս սարսափանքին գնովը անիկա կը մասնակցէր կեանքին հսկայ խորհուրդին, որ այնքան դժուարահաս [277] ու արիւնոտ է երբեմն ու մարդերը մատաղ-մատաղ հողին կը յանձնէ։ Ու անոր մէջ հիւսուիլ կը սկսէր այն տարօրինակ էակը, որ կինը չէ զաւակ բերող, լուացք ընող, հաց եփող կամ դաշտը էրկանը կողքին թել-թել հինցող արարածը։ Որ չէ հեշտանքին գործիքը, խելօք, անկողինի մը գերութեան շղթայուած` ըլլալու համար մշտադիր յատակ մը վայելքի կամ [278] անգթութեան, ոչ ալ տունի մը պահպանումին համար թեւերը զաւկըներուն վրայ տարածած դասական հրեշտակը։ Այդ րոպէէն [279] իսկ, ճակատագիրը զայն կը գրէր, կը յօրինէր արիւնի եւ մահուան համար։ Կ՚ըլլայ ասիկա աղջիկներուն, գեղը կամ քաղաքը, տեղը ոչինչ կը փոխէ։ Պտտեցէք բոզանոցները ու հարցում ըրէք հոն վարսուածներուն։ Անոնցմէ շատին պատասխանը պիտի նոյնանայ միւսներուն, անոնց հետ՝ որոնք տունի մը տանիքէն առանց խախտելու, բացին իրենց արգանդները նոյն զգլխանքին, եւ ընդունեցին մահն ու արիւնը, կամ ողբերգութիւնը, անկարող ուրիշ բանի, վարդի մը կամ բաժակ մը գինիի վրայ։ Ու այս փոփոխութիւնը ամէնուն մէջ տասը կերպ չունի։ Քառորդ դար տեւող սրբութիւն մը կը պղծուի մէկ ժամէն։ Փոփոխութիւնը խօսեցաւ Աղուորին մէջն ալ, բարձրաբարբառ եւ վճռական։ Վերադարձաւ անոր քիչ առաջուան երդումին վստահ կարծրութիւնը։ Զգաց, որ ոտքի էր։ Բան մը պրկած էր անոր ջիղերը, որոնք ըրին մարմինը մէկ կտոր, տալով անոր՝ անհրաժեշտ պատրանքը ուժին, վճիռին, այնքան կարեւոր հոգին իր սկախառն [280] ու ծոյլ յատակէն դուրս հանելու համար, խնայելով մեզի դողահար անդամներ ու կմախք, որոնք մեզ կը մատնեն, կրաւորական են ու իրենց շարժին մէջ կը խորտակեն մեր կամքը մենէ առաջ։ Չկրցաւ յիշել, թէ ինչպէ՛ս ու ե՛րբ ելած էր անկողինէն։ Չկրցաւ ճշդել՝ ինչո՞ւ…։ Գորգը աւելի՞ կակուղ էր մերկ ոտքերուն։ Զգայութիւնները ենթակայ են այս աղաւաղումին, երբ հոգին ամբողջովին իրեն տրամադրելի կ՚ընէ զանոնք, իր անորոշ ձգտումներուն համար գործածելով արիւնին ու փորձառութեան բոլոր տուրքերը։ Աչքը կը տեսնէր սակայն այդ գուլ մութին մէջ։ Անցաւ էրկանը քովէն, որ խաղաղ էր՝ խաւարին հետ համախառնուած։ Ու անոր կոկորդին փքոցը կը գործէր տարտամ կշռոյթով մը։ Ի՞նչն էր, որ դպաւ Աղուորին ալ կոկորդին, ուր զզուանք մը, մեղք մը, աղտ մը կը լեղուընային ու կ՚իջնային վար` սիրտը խառնելու։ Ափը տարաւ վիզին` ճնշելու համար կլոր այդ կծիկը գարշանքին, զգոյշ ու տարօրէն խաղաղ։ Գիտէ՞ր, թէ չունէր փսխելիք [281] ։ Մա՜յր։ Ուրուացաւ ու անցաւ ժողովրդական աւանդութիւնը։ Ու սակայն որքան պարզ էր, հոգիին խորը, սա ճամբան, ուր կը մտնէր։ Այս վստահութիւնը ամրացուց անոր քայլերը։ Դպաւ մութին, որ դիմադրող էր ու դժուար ընկճուող։ Ի՞նք մոռցեր էր քալելը։ Խելքը չհասաւ մութին ներկայացուցած այդ ուժին։ Գտաւ դրան մղլակը, պաղ ու իրաւ, որ նիւթացուց իր անորոշ զգայութիւնները եւ իրեն դարձուց իր քայլին ամբողջ կշիռը։ Ո՞ւր կ՚երթար։ Իբր թէ չգիտնար։ Յիմա՞ր էր։ Իբր թէ հինգ տարիներու իմաստութիւնը կարենար հակակշռել գիշերուան մը ծոցը։ Բայց սենեակը կը կոտտար, բազմամբոխ ու լեցուն, հարսնետունի մը նման։ Կը կոտտար ոտքին տակ գորգին ալ սիրտը։ Ականջին քովերէն ձայնի, հեծքի, արիւնի թրթիռներ կը կտրուէին ու կը թռէին, կ՚աւրուէին ու կը նորուէին ու լոյս ունէին։ Սրտի խառնըւուք մը, աւելի ուժգին ստիպեց զինքը կռնակը տալու դուռին։ Այն ատեն զգաց, որ մարմինէն առաջ գլուխը ճամբայ կ՚ուզէր, զովանալու խորունկ պէտքի մը արտայայտութի՛ւնը։ Մազերը փշացան։ Բացաւ անիկա դուռը։ Տարբեր ու թեթեւ զովութիւն մը կ՚անջրպետէր իր հոգին մարմինէն։ Դրաւ դուրս իր ոտքը։ Կը զարմանար, որ տախտակները չէին աղմկեր։ Նոյնն էր սրահը, պատուհաններուն մշուշոտ քառանկիւններովը, որոնք կանգուն էին, բայց պատրաստ իյնալու։ Կիսախուփ՝ ամէն գիշերուան պէս՝ կեսրոջը դուռը։ Պարտաւոր էր, հասնելու համար սանդուխին, անցնելու անոր առջեւէն։ Թեթեւցուց ու խորացուց իր քայլերը` դէպի ներս քաշելով դնդերներուն ուժը։ Ոտքերը եղան շշնջուն։ Լքուած էր իր կորովէն։ Չիյնալու համար բռնեց բազրիքը։ Կը վախնար սակայն խորունկ շունչէն, որուն պէտք ունէր այնքան։ Բայց ահա ետեւէն դողդողաց դուռը։

 

-- Ո՞ւր, - փսփսաց հաճի Աննան` ցցուելով սանդուխին գլուխը։

 

Անիկա ուրուականի մը կը նմանէր` մութէն բխող ու կլոր։

 

Աղուորը կ՚իջնար աչքերը` արագ ու սրտապնդուած։

 

-- Ո՞ւր, կ՚ըսեմ քեզի, - շշնջաց պառաւը, աւելի ամուր։

 

Անիկա, սանդուխին աչքերուն աւելի վարժ իր ոտքերովը քառսուն տարի էր, որ կ՚իջնար ու կ՚ելլէր հասաւ ետեւէն: [282] Բռնեց մատներէն, որոնք այրեցին իր ափը, կրակէ անցած ձողիկներու պէս, ի՛րը՝ ամբողջ սառոյց ու մեռել։

 

-- Տա՞ք ես։

 

Չէր գիտեր, թէ ինչու կը խօսէր, մա՛նաւանդ այդպէս յիմար ու անտեղի։ Աղօտ լուսնկայ մը, առանց ըլլալու, բակն ի վար կը թեթեւցնէր մութը` չյաջողելով կոտրել անոր թանձրութիւնը։ Բայց կիսամերկ ու ճերմակ հարսէն, ան, ադ չեղող լուսնկան, կը կտրէր խռովիչ ուրուաձեւ մը, քակելով մազերը` առատ ու խոշոր։ Հատած [283] էր սանդուխը ու անոնք առջեւն էին օճախով սենեակին։ Մեր ոտքերը երբեմն մենէ անկախ կը քալեն իրենց վարժութիւնները։ Պառաւը հրեց դուռը, որ բացուեցաւ կարծես սովորականէն աւելի դիւրաւ` անհուն զարհուրանք մը պարպելով անոր հոգիէն վար։ Կու գար ասիկա Սողոմին վախէն, որ կրնար իր խուցէն հոս եկած ըլլալ, օճախով սենեակը ճիշդ տակը կը գտնուէր Աղուորին ննջասենեակին։ Բայց մութը մնաց անայլայլ։ Մտան ներս։ Գոցեց դուռը, [284] զգոյշ ու կորովի։ Ափերովը փնտռեց, աջ ու ձախ դառնալէն, հարսը, որ կռնակը պատին կը մնար լուռ` արձանի մը պէս։

 

-- Ի՞նչ ունիս։ Ի՞նչ կ՚ուզես։

 

Ձայնի մօտ բան էր դուրս եկածը պառաւին բերնէն։

 

-- Ո՞ւր կ՚երթաս։

 

Աւելի որոշ։ Բայց առանց կնիքի։ Պատասխանի չէր սպասեր, վասնզի հակառակ իր յուզումին, վախին, տունին ընդհանուր իմաստը կը գործէր իր մէջէն` կանոնով ու ամբողջ։ Ան շատ լաւ գիտէր, թէ ո՜ւր կ՚երթար այս ժամուն Սարեկենց աղջիկը։ Գիտէր մանաւանդ, թէ ի՛նչ ունէր ան։ Բայց կը կրկնէր հարցումները։ Ու իր ձայնին իսկ նպաստովը կը տեղաւորուէր ինքն իր մէջ։ Կ՚ընենք ասիկա, մեծ աղէտներու շրթունքին, երբ վախը մեր ուժերը կը կտրէ` ջուրի պէս ընելով արիւնը մեր երակներուն մէջ։

 

-- Չիյտե՛մ։

 

Արձանէ ձայն մը, խիստ, չոր, քար, կարծես պատէն փրթած, այնքան հեռու էր անիկա Աղուորէն, որեւէ մարդկեղէն սիրտէ։

 

-- Հէ՜յ ողորմութեանդ մեռնիմ, Կապուտուոր։

 

Բառերը կէս էին։ Շունչը չէր բաւեր զանոնք լեցնելու։ Բարկութիւն, կիրք, սարսափ, որոնք պարէին իր ջիղերուն վրայ ու պարէին արտակարգ արագութեամբ ու փոփոխումով։ Ու անիկա չէր կրնար մէկուն կամ միւսին մէջ տեղաւորուիլ։ Բայց ուժգին շնչառութենէ մը յետոյ՝

 

-- Աղջի՛, խենթեցա՞ր։

 

Փափկացած, առանց բարկութեան [285] ըլլալու ճիգէն վիրաւոր՝ սա ճիչը, որ նախատինք ալ չէր, ինչպէս չէր մտածուած ու կշռող, փութացուց տագնապը։ Երբեմն բառերը կը կատարեն ասեղին դերը մեր հոգիին պալարին վրայ։

 

-- Խենթ, խելօք։ Ալ չե՛մ պառկիր տղուդ հետ։

 

Վարագոյրը կ՚իյնար։

 

Հարս ու կեսուր կը մտնէին վերջապէս կրկէսին մէջ։ Դեռ իրարու դէմ ոչ իսկ խիստ վանկ մը փոխանակած այս բերանները կը բացուէին դասական գուպարին։ Բայց կատարուելիքը հաճելի եւ ընթացիկ կռիւը [286] չէր, որ տեղի պիտի ունենար օր-ցերեկով, թուքով ու հայհոյութեամբ, կոկորդով, շրթներով, քիչ մը սանկ փողոցի վրայ, որպէսզի հարսները ամրանային։ Ոչ ալ թեթեւ, անհետեւանք մնալու դատապարտուած գզուըտուքը, որ հարսներն ու կեսուրները դէմ դէմի կը հանէ, ընդհանրապէս փոքր գողութիւններու յայտնումին, դէպի աղջիկները կամ մայրը կրուած նիւթերու շուրջը։ Գալիքը մռայլ բախումն էր, անողոք ու ճակատագրական, որ իրարու դէմ պիտի փշրէր արգանդն ու իմաստութիւնը, զգայարանքներն ու ընտանիքին խորագոյն իրաւունքները։ Չունեցաւ սկիզբներուն վարանքն ու զգուշաւորութիւնը։ Հասկցուիլն ալ աւելորդ էր ինքնին, քանի սա ճակատումը պատրաստող ազդակները առանց գաղտնիքի էին անոնց [287] համար, բարբարոս ու օտար մեղքէն ետքը։ Հեռուներէն արձակուած, բայց միշտ ալ յետաձգուած այս կռիւը սկիզբ կ՚առնէր սա չարագուշակ գիշերին, հաւախօսէն քիչ առաջ ու պայմաններու մէջ, որոնք կը յայտնուէին արտակարգ ու զարհուրագին։ Բացէն [288] ա՛չք մը ու կռիւը պիտի վերածուէր աղէտի։ Ու աս դժնդակ կռիւին մէջ Նալպանտենց պառաւը մինակ էր բոլորովին, անլուր մեղքի մըն ալ աղիքներովը կապկպուած։ Սարեկենց աղջի՞կը։ Ան ունէր մէկ ափին՝ հինգ կոյս տարիներու նահատակութիւն [289] ։ Միւսին՝ անճառելի շաբաթ մը։

 

-- Ինչո՛ւս պէտք քիւրքն ու շարոցը…, - սկսաւ [290] անիկա։

 

Առաջին իսկ բառերէն կը գուշակուէր այն խորախորհուրդ ուժը, որ գիծի անցեր էր, անոր միսերուն ներքեւ։ Շաբթուան մը անկողին՝ որ լեզու կ՚ըլլար սա անլեզու էակին մէջ ու կը պարզէր դուրսին անոր դժոխքը։

 

-- Ի՛նչ ըսել կ՚ուզես…

 

-- Ինչո՛ւս է պէտք քիրմանի շալը, ալն ու ադլասը ։

 

-- Տէ՜ր Աստուած…, - մրմնջեց պառաւը` խորտակուած ու բարի։

 

Որքա՜ն իրաւ կը խօսէր Սարեկենց աղջիկը։ Ու անոր միսերուն վրայ փուշ-փուշ քաղուեցան զրկանքին անհամար օրերը։ Նոյն այդ շարոցներուն տակ ու [291] շալերուն տակ՝ միսերուն այն աննուաճ ծարաւը, այնպէս՝ ինչպէս կը բուսնէր անիկա հիւանդ ու անկարող էրիկի մը քսքսումէն ու այրի իր անկողինին սաւաններէն։ Կը խղճա՞ր սա պահուն, կորսուածին վրայ։ Բայց տկարացման սա տագնապը անցաւ արագ։ Անոր դարձան իր կեանքին միւս պահերը, բազմութիւն ասոնք, որոնց մէջ անիկա զսպած էր այն ցած ու խոնաւ ձայները ու պաշտպանած օճախին պատիւը։ Գէ՞շ էր ըրած։ Ներկայացան քանի մը անուններ, որոնք անցեր էին իրենց արգանդին սահմանները եւ որոնց մեղքը կը կամարէր այսքան տարիներ ետքը, տուներուն վերեւ։ Անցան ու գացին անոնք։ Յետոյ զատ-զատ, բայց արտակարգ արագութեամբ, անոր մտքին մէջ ուրուացան ու եղան այն զարմանալի ու քաղցր հեքիաթները, որոնք կու գային Այսմաւուրքէն [292] ։ Անհուն բարութեան, կուսական ճգնողութեան այդ խռովիչ, մխոտ [293] ու սարսռագին հեքիաթները, որոնց մէջ գլխիվայր կ՚իյնան կիները, առաւելապէս իրենց զգայարանքներէն։ Զոհողութիւն։ Արդարութիւն։ Երկնաւոր փեսայ։ Բոլորն ալ բառեր, շատ աւելի լայն ու խոր հնչումի տարողութիւն մը։ Կարծես դէմի մութէն, մէկ կանգուն իր հասակին վրայ կանգուն, ցցուեցաւ Կուճուկ (կարճ) Մարիամը` յիսնամեայ ու դեւէ մը աւելի տգեղ այդ աղջիկը, որ վարժուհի էր դպրոցին մէջ, կը կարդար հաստ մատեանը, կը հասկնար, ու կը բացատրէր սրբուհիներուն եւ երիտասարդ ճգնաւորներուն փորձանքները` հանուած մարդկային գիծի եւ հասողութեան։ Ի՜նչ պերճախօս էր հրէշը, որ արգանդի տեղ սպի մը կը կրէր, ու մարմինի տեղ՝ սառած ոսկրակոյտ մը։ Ոչ մէկ ատեն այնքան անպաշտպան ենք ու առնուած երկինքին պարունակէն, որքան ոճիրին ճառագայթման մէջը, կամ դուրս անոր ոլորտէն ոչ բոլորովին, բայց առանցքի մը պէս զայն բեւեռելով մեր ներսը։

 

-- Դուն չես մինակ…

 

Պառաւը չհամարձակեցաւ շարունակել մտքին մէջ ուրուացած պատկերը ու զայն բառի վերածել։ Կ՚ամչնա՞ր Աստուծոյ արդարութիւնը խառնել այս աղտոտ պատահարին։ Բայց աւելցուց.

 

-- Դուն էրիկ ունիս, փառք Աստծոյ։

 

Վախկոտ ու խեղճ նախադասութիւն, որ գարշագին ընդվզումի փոխուեցաւ հարսին մէջ։ Անոնց կռիւը կը գունաւորուէր` հեռու ըլլալով սակայն ընթացիկ սարիքներէն, վերածուելով իւրաքանչիւրին ալ խորը անոնց իսկական իրականութեան։ Ան կը յայտնաբերէր տարիներու ճնշումով կարծրացած շերտեր հոգիի, կողմեր՝ որոնք անակնկալ ըլլալնուն չափ եղերական էին ու անկանգնելի։ Կռիւը մեր ներքին լինելութեան ամէնէն սուղ ու վաւերական փաստերը կը բերէ ցոյցի։ Ուրիշը ճանչնալու վստահագոյն եղանակը զայն գրգռելուն մէջն է կ՚ըսեն։

 

-- Էրի՜կ։

 

Ի՛նչ հաստ, ուժով, բիրտ արտասանեց բառը։ Կարծես պատերն իսկ հասկցան։ Տունը վերէն վար հեծկլտաց ու դողաց։ Բայց ճիչը լուսաւորեց զինքը մանաւանդ։ Էրի՞կ։ Ցերեկ ըլլալու էր, սարսափելու համար կատաղութենէն, որ անոր աչքերուն մէջ կարմիր կրակ էր այդ պահուն։ Սորված էր ուրեմն խեղճ ատ արարածն ալ կեանքին հզօրագոյն բառը, որ մարդը կը ճկէ ու կը հաշտեցնէ, խենթ ու կախարդ, ու կեանքը կարելի կ՚ընծայէ ի հեճուկս մեզ ընդոտնող բոլոր ժխտական տարրերու։ Ու բառը կը ստանար անոր բերնին ամբողջական տարողութիւն ու պողպատէ իր հիւսքը։ Ու ըրաւ անոր ձայնը, առաջին անգամ էր ատիկա, դանակի պէս կարծր ու գնդակի պէս արագ՝ թափանցող։ Որ կրնար դպիլ առաստաղին, ծակել տախտակը ու անկէ ալ անցնիլ պառկող մարդուն։ Արհամարհանք, հեգնութիւն, զայրոյթ, չարութիւն, ամօթ ու կսկիծ, բոլո՛րը՝ ինչ որ տարիներով ներս էր դրած ուրիշներու հաշւոյն, մարմին կ՚ըլլային այդ կծու բացագանչութեան մէջ, որ անոր ուղեղին վրայ կը բաբախէր, մռայլ ու բարբարոս, գրգռող դրօշակի մը պէս` անընդհատ խթանելով անոր հոգիին ջուրերը։

 

-- Չե՞ս վախնար դուն Աստուծմէ։

 

Որո՞ւնն էր ձայնը, քսանամենի հարսի՞ն, թէ վաթսունամեայ պառաւին։

 

-- Չե՞ս ամչնար, որ հոգիդ կը սեւես։

 

Իբր շարունակութիւն: [294] Հարսը նետեց այս հարցականները իրարու ետեւէ։ Կարծես թարմ անոր շրթունքները լքած ըլլային տարիքին լուրջ, պատկառագին մաքրութիւնը։ Ու անոր բերանը կը հրուէր առատ ու հսկայ որ[ձն]ումին [295] ։ Լրբութիւնը զազրելի է, երբ արդիւնքը կ՚ըլլայ հաշիւի։ Ինքնաբուխ՝ ինչպէս հոս, անիկա մաս կը կազմէ մեր հոգեկան յատակին։ Նալպանտենց հարսը դեռ չէր ինկած գեղին լեզուն։ Ու զօրաւոր էր այս հեղումէն։ Բայց չկրցաւ շարունակել` կտրուելով իր թափէն յանկարծահոս բեկումո՜վ մը, ձա՛յնը անոր մաքուր մնացած ներսին, բռնկած ու բխող ձայն, մութին, լռութեան ու մեղքին իսկ ընդերքէն։ Մեղքին սա ուրուափայլն էր՝ մէկէն ի մէկ զգաստ ըրաւ զինքը, նոյնքան արագ, որքան զրկանքին դէմ իր պոռթկումը, որուն կը հրուէր անիկա բնազդին ասեղներովը։ Ինչո՞ւ ընդունած էր տղան։ Ու նուաստացում…։ Ինքզինքը պլշկած կնոջ այս խորտակումը չըրաւ զինքը արդար, ոչ ալ թուլցուց անոր տառապանքը, որ հիմա խեղճ, անկանգնելի մղկտում մըն էր, աւելի հզօր, քան նիւթական ցաւը։ Որ մեզ փոշի ու աղբ ու դոնդող կ՚ընէ` լուծելով մեր կամքը՝ ինչպէս ուժը մեր արիւնին, մեզ պսակելէ յետոյ մեր անկարողութեան կրակէ շամփուրովը։ Երիտասարդ, չմաշած, գրեթէ բոլորովին անհուպ կնոջ անոր մարմինը խաղալիք էր անասելի շարժումներու, որոնք կը փորէին, կը պեղէին մինչեւ իսկ բաւիղները ոսկորներուն ու ցանցի մը պէս կը փռուէին ուղեղին անդունդին։ Լարուած էին իր միսերը։ Մտքին ցաթեց պատկերը հողէ պտուկի մը, որ կ՚եփի ու չի կրնար ճաթիլ։ Ուրի՞շ էր իրականութիւնը անոր ներսին։ Բայց տարօրինակ էր, որ մտածէր պատկերով, խիտ ու ամբողջ։ Ու չյաջողէր պարզել անոնց խռովքը։ Ի՞նչ կ՚ուզէր պառաւէն, որուն բերանէն ոչ մէկ անգութ, նոյնիսկ խիստ շեշտ չէր յիշեր անիկա։ Շեշտուած նուաստութեան ու գէշ հագնուած սուտի ալիք մը ողողեց զինքը այն միւս մտածումին դիմաց, որով անիկա սա ողբերգութիւնը ամբողջովին կը փաթթէր կեսրոջը վիզին։ Հապա ի՞նք։ Հապա խուցին տանիքէն սիրուող կատուներուն խռո՜վքը։ Ու ատոնցմէ անդին, այդ կործանումին վրայ լերան մը պէս աղուոր ու կանգո՛ւն՝ իր իսկ վայելքը, խիստ, [296] բացարձակ, որ կը հեղուէր իր մէջը տղուն գիրկէն ու կ՚ընէր զինքը խենթի մը ուղեղին պէս անվարշամակ ու մերկ։ Ի՞նչ կ՚ուզէր էրիկէն, որուն ոսկին ու մուշտակը զինքը մէկ հատիկ, նախանձելի կեցուցած էին գեղ մը կիներու աչքին եւ որ չար ու անգութ չէր եղած կրկին իրեն հետ։ Ու գութին հետ տեսարան եկող այս զգայնոտութիւնը տիրապետեց անոր կարծրութեան վրայ։ Քայքայուեցաւ իր չարութիւնը պղպջակէ շինուած զանգակի մը նման։ Ու վերադարձաւ անոր՝ իր անյատակ կարօտը մարդերու կարելի երանութեան։ Ու կցկտուր, խեղճ ճիչերուն հետ, որոնք կը փրթէին քիչ մը մարմինին ամէն կողմերէն, ան [297] կը ջանար պարպել դուրս սրտին հրդեհը…

 

-- Ո՜ր մեղքիս համար, Տիրո՜ւկ [298], ո՛ր մեղքիս։

 

Ու կու լար։

 

Սենեակը ստացած էր մութ իրականութիւն մը, որ այս ներանձն լլկանքին կ՚ընծայէր յարմարագոյն գետին։ Արտաքին զգայութեանց բացարձակ սա պակասին մէջ պառաւը շունչն իսկ կը վախնար քաշելու , անիկա լրիւ ընթացք կու տար ներքին տեսարանումին։ Յետոյ զգաց, որ յոգներ էր չարաչար։ Իջեր զայրը [299] իր տագնապին։ Անոր վրան ինկաւ անմռունչ, համեստ, գողտր հարսնուկի մետաքս վարշամակը, հարսնութեան սովորական մուշտակը, ա՛ն՝ որ հինգ տարի պարտկեր էր անոր կրակը աշխարհին ամօթէն։ Ու եղաւ անիկա Նալպանտենց սիրական պուպրիկը, որուն տարազովը անիկա կը պտտէր ամէնուն առջեւ։ Այս վերադարձը դէպի իր հին շինուածքը մեղմեց պահին արտակարգ ձգտումը։ Այնքան իրաւ է, որ մեր անցեալը չի բզկտուիր ամբողջութեամբ ու անոր բեկորները կը կառչին մեր հոգեկան հանգոյցին։ Հատուկոտոր [300] ու խեղճ բառերով անոնք կը փսփսային, կը տագնապէին, կը մտմտային ու կու լային։ Քայքայում մը կատարուածը, բայց թել-թել, մազ-մազ [301] ։ Ու դժուար էր հասնիլ ինքնարիւնումի, ինքնեղծումի սա աստիճանին ու անոր լրիւ պարագրկումին սա փշրանք-բառերու [302] վրայով, որոնք անդունդի մը երախին բռնուած, գերի տարուած ցոլքի բեկորներու նման կը լուսաւորեն երբեմն մեր առեղծուածը, ճակատ ճակատի, երես երեսի [303] բռնադրուած ապրումին ողբերգութիւնը՝ տափկցա՛ծ՝ գլանովը կեանքին ու անկանգնելի։ Սուզումի, լուծումի, փայլակօրէն վերյօրինումի ու կրկին ջնջումի այս սուղ րոպէներուն մեզի կը տրուի խելամուտ ըլլալ բաներու, որոնք վրիպած են մենէ, այսինքն՝ որոնք չենք բռնած ու բանտարկած մեր ներսը ու թողած ենք, որ անոնք կորսուին տեւողութեան ջուրին ծոցը, հակառակ մեզի համար անոնց պարունակած գերազանց արժէքին։ Կը խաբուին անոնք՝ որոնք մեծ ապրումներուն միայն կը սահմանեն մեծ խռովքներ։ Շատ անգամ շարժումի տրո՛փ մը, ծուէ՛ն մը, աւելի ճիշդ՝ ուրուաձե՛ւ մը, զոր դժուարաւ կ՚որսանք, այնքան նիհար է անոր գիծը եւ որուն կորացումին վրայ սիրտ մը, սիրտեր կը ճամբորդեն։ Բառի փշո՛ւր մը երբեմն, առանց որոշ կնիքի, որ կ՚իյնայ մեր շուրջը ու այնքան դուրս կը թուի մեր անձնականութեան սահմաններէն եւ որ ճամբան էր մտած ուրիշ հոգիներ փոխադրելու դէպի մեզի, վախկոտ, թռչունի մը կտուցովը զարնել փորձելով մեր ներսի դուռներուն։ Ուրիշ անգամ կէս արցունքն է ան կամ կէս ժպիտը ու դեռ աւելի փոքր հետքեր [304], որոնք անշշուկ կը վառին ու կը մարին եւ իրենց անցումէն ետքն է, որ կը դառնան իրենց եղերական հոծութեան։ Ու այս թերի, ըլլալ իսկ վարանող բաներն են, որ մեզ կ՚ընկղմեն հեռազգած ու անողոքելի մեր կործանումին մէջ, երբ իյնան մեր հոգիին պահծու խորշերուն։ Չէ՞ որ կաղինի մեծութեամբ քարի մը կտորը մահ կը բերէ, երբ կը հանդիպի ականջ-թոռին, ինչպէս կ՚ըսէ ժողովուրդը։

 

Մինչեւ հաւուն խօսիլը անոնք երբեմն բառով, երբեմն առանց բառի, գրեթէ ձեռք ձեռքի ու կուշտ կուշտի՝ շարունակեցին այս փոխադարձ բզկտումը։ Քիրմանի շալը, ոսկիի խաթար ները, Նալպանտենց եղն ու մեղրը եկան ու անցան անոնց լեզուներէն։ Անցաւ էրիկը, հարազատ բառով՝ էրիկմարդը եւ ուրուացաւ իրաւ անկողինի մը դրախտն ալ։ Անցաւ գեղը, օրինակները կիներուն, որոնցմէ առջի յղութիւն մը խորտակած էր չարին կապերը ու բացած անոնց կուղպ արգանդները։ Ու դեռ ուրիշ բաներ։ Ու անոնց ձայնը ունէր գիշերուան գոյնը ու չաճեցաւ։ Որմէ՞ կը զգուշանային, երբ առանց հրաւէրի փսփսուքը կը պահէին միշտ նոյն կաղապարին։ Վերէ՞ն։ Ոչ անշուշտ։ Հրաշք մը միայն կրնար արթնցնել Սերոբը։ Դուրսէ՞ն։ Կը խորհէին, բայց չէին յայտներ։ Գիշերը կ՚ըլլար բոլորովին խաղաղ ու միատարր։ Պառաւը գրեթէ թել-թել վերզգաց այն դժնդակ յուզումները, որոնք կրծած էին իր ջիղերը, երբ անցած շաբթու ախոռին մէջ, յետոյ քիչ առաջ խուցին մէջ մինակ էր մնացած Սողոմին արցունքին հետ։ Ու պատկերը կը նոյնանար սրտառուչ նմանութեամբ միւս քայքայումին։ Ու ա՛լ խարխլած անոր ուղեղին մէջ իր լուծումը կը գտնէր կեանքին, այսինքն՝ անոր միակ իրական, արժող ու խոր մասին, երիտասարդութեան հսկայ խորհուրդը, զոր չենք հասկնար, երբ կ՚ապրինք։ Սիրելու ձեւերը տասը տեսակ ըլլալու չէին։ Ան կոտրած ու թոյլ՝ խորացաւ դէպի սիրտը ու հոն գտաւ ինչ որ ծանօթ է ամէն ծերութեան։ Աղուորին համար մինչեւ այդ պահը ծփուն ու կիսակազմ բաներ [305] վերածուեցան պայծառ ստուգութիւններու, որոնց կեդրոնը ան զետեղեց ինքզինքը ու չափեց ։ Ուրիշ շատ բաներու հետ՝ անիկա երկիւղով խառն զարմանքով սորվեցաւ, որ Սողոմը խուց մը ունէր, խուցն ալ դուռ մը, դուռն ալ ճամբայ մը։ Ու սորվեցաւ անկէ անդին ալ։ Թէ՝ կարելի էր գիշեր ատեն թողուլ էրկանը անկողինը եւ ուրիշին ծոցը մտնել։ Մենք տարիներով կը լսենք բաներ ու չենք հասկնար։ Կու գայ կեանքին մահակը, կը զարնէ մեր գլխուն, կը բանայ մեր աչքերը եւ կը տեսնենք։ Երգեր թրթռացին անոր շրթներուն, ուր հարսները «խենթեցած» կ՚երթային ուրիշներուն սենեակը։ Կարծես մէկը այդ րոպէին վրայէն առնէր, փրցնէր խակ այն խորխը, կեղեւը, որ կուսութիւնը կը յատկանշէ։ Ու ըրաւ անոր հոգին այդպէս քողաթափ, դնելով զայն դէմը աշխարհի հզօրագոյն յուզումներուն։ Ի՜նչ իրաւ էին երգերը, իր բառովը՝ խաղերը, զորս գեղը կը յօրինէր` այդ սարսուռները պատմելու համար։ Ու ի՜նչ յստակ հիմա տրամները, որոնք կը սկսին զատ-զատ տուներէ, իրարու կը վազեն, արիւնին եւ ոճիրին վրայէն ցատկելով, ու կը միանան իրարու, յաճախ մահուան ծոցովը։ Ինկաւ հպարտ չարութիւնը, որով պաշտպանուած էր իր ու աշխարհի աչքին իր պարկեշտութիւնը մինչեւ երէկ, ու արդար, սրտառուչ, եղկելի գտաւ միւսները, բոլոր անոնք, որոնք իրենց դուռները եւ արգանդները կը բանան անտես կապերէ քաշքշուած ու մատերէ հրուած։ Հասկցաւ, թէ սիրտը գոյութիւն ունի եւ իր օրէնքները ինք կը պատրաստէ։ Փորձանք, դանակ, թոյն, կախաղան, ասոնք սուտ բառեր չէին։ Իրա՜ւ, ա՛յնքան իրաւ էր իր մարմինը, հալած ու անգոյ, միւսին մէջը։ Ուժգին ու մեծ իրողութիւններ ասոնք, որոնք իրենց վայրագ հեռանկարովը կ՚ամրանային անկէ ներս։ Հապա [306] միւսնե՜րը։ Այսինքն՝ փոքր կարգադրութիւնները, հնարքները, կէս-միջոցները, որոնք սեռային պատրանքը կը հագուեցնեն, կու տան անոր աղն ու համեմը, գեղջուկ հարսնուկէն մինչեւ հզօրագոյն տարփաւորները։ Ու պառա՜ւը։ Այսինքն՝ զգուշութիւնը։ Այսինքն՝ հաշիւը։ Այսինքն՝ ճկունութիւնը։ Խելք, խելք [307] պէտք էր ամէն բանի, նոյնիսկ արգանդին համար։ Չաճապարել երբեք։ Չվտանգել շատ մը գեղեցկութիւններ ու շատ մը բախտեր։ Չքրքրել տուներ ու տեղեր։ Ապրիլ արգանդէն, բայց ապրեցնել։ Սպասել ու կառավարել։ Այսինքն՝ խաբել ու չամչնալ։ Փրկել ձեւերը։ Փոքրանալ՝ բայց քալել։ Ի՞նչ էր կնոջ մը կեանքը, այսինքն՝ փէշին կեանքը։ Շատ-շատ 15 տարի։ Հինգը ետե՜ւն էր։ Կը խօսէր պառաւը ամէնէն քաղցր շեշտովը։ Զաւա՜կ մը։ Ու ձգուած կ՚ըլլար կամուրջը։ Նալպանտենց Աղուորը իր սենեակէն խոյս տուած ատենը հիմնովին հեռու էր այս իմաստներէն։ Ու հիմա, հաւը հազիւ խօսած, անոնք հաստատ, ծանր, դժնդակ ճշմարտութիւններ էին անոր համար։ Մեծ սիրո՞ղ մը։ Ոչ, անշուշտ։ Ինչ որ ալ ընէր, ինք չունէր նմանելիք այն միւսներուն, որոնք կը բողբոջին արեան մէջ եւ կարօտ են մշտական արիւնի։ Ոչ մէկ ատեն անիկա կեսուրը չէր գտած այնքան ճկուն, հեղինակաւոր։ Ոչ մէկ ատեն սակայն անիկա իր մէջ հաստատած էր այնքան մթերք փափուկ, բայց անզիջող խստութեան եւ անընտել ընդդիմութեան։ Ու հարս ու կեսուր հաշտուած էին մեղքին դէմ, մեղքին հետ, բայց մա՛նաւանդ իրարու հետ։ Տարօրինա՞կը այս ամէնուն մէջ։ Ամէն անգամ, որ հաճի Աննան իր քարոզէն ինք հրապուրուած՝ բռներ էր Աղուորին թեւէն վերի սենեակը տանելու, ամէն անգամ ալ Սարեկենց աղջիկը ազատեր էր իր թեւը, առանց բռնութեան, ու մնացեր։ Հաւը կրկին խօսեցաւ։ Ու անոնք ծունկի էին ու կուշտ կուշտի, իրարմէ քակուելու վախցող երկու վտանգահարներու նման։

 

Դէպքերը քիչ անգամ կը յարգեն մեր խելքն ու հաշիւները։ Դուռը, մեղմ, բացուեցաւ։ Աւելորդ է խօսիլ հարսնուկին սարսափէն։ Բայց պառաւը մնաց անայլայլ։ Կարծես կը սպասէր ատոր։ Չըլլար հարսին քիչ մը բարձրկեկ ճիչը՝ անիկա յաղթած պիտի ըլլար թերեւս դէպքերուն։ Բայց անփորձ հարսին աղաղակը շրջեց պառաւին գիտութիւնը։ Գիշերօք օդը աւելի թափանցիկ է կ՚ըսեն ու ձայնը շատ դիւրաւ կը ճամբորդէ։ Արթնցա՞ծ էր Սերոբը։

 

Մտնողը Սողոմն էր։ Սեմին վրայ ընկրկեցաւ ան Աղուորին ճիչէն։ Բայց ատիկա չտեւեց։ Ան յառաջացաւ մութին վրայ` ափերով զայն կոծելով։ Անիկա շուտով լքեց, արագ սեղմելէն ետքը, պառաւին հաստ մարմինը, որուն ձեռքերը չբաժնուեցան սակայն իր գօտիէն։ Պատն ի վեր, միշտ շօշափելով, միշտ յառաջացող բռնեց սակայն դողահար հարսը ու առանց բառի, ինչպէս առանց վարանքի, զարհուրելի բնականութեամբ մը փաթթուեցաւ անոր` արագ, պիրկ, անդիմադրելի, գրեթէ անգիտելով ահագին բեռը պառաւին, որ կ՚աշխատէր իր մարմինի գունդը զետեղել անոնց հիւսուած իրաններուն մէջտեղը։

 

-- Գնա՛ կորսուէ, գնա՛ տեղդ, գնա՛ դուրս…

 

Պառաւն էր, մատներովը փրցնելով տղուն շրթները հարսին երեսներէն, հրելով հիւսուած զոյգը, բայց տառապագին անձկութեամբ, աղմուկ ու ճիչ չհանելու։ Ան առտուն լուացուած յատակին կը պակսէր այծենի կապերտը եւ տախտակները երեք մարմիններու կեդրոնացած ճնշումին տակ հեծք ունէին ու կը տքային։ Պատերը՝ բարակ բակին կողմէն, կը թօթուէին, տարօրինակ կերպով խոշորցած աղմուկով ու պառաւը կը փսփսար պոռալու հետ շփոթելու չափ բարձր, առանց իր ուզելուն իր կանչռտուքը.

 

-- Գնա՛ դուրս, գնա՛ տեղդ…

 

Մտիկ չըրին զինքը։ Չէին կրնար։

 

Բայց ահա մեծ դուռին դուրսէն պոռալ առաւ Գաբիկենց շունը` թաղին երիտասարդ ու աչալուրջ պահակը, որ կը դառնար լեռնէն, գայլերու հետ իր կռիւները աւարտած, հաւախօսէն ետքը ու կը փռուէր Աղուորենց սեմին, առտուն կանուխ լզելու համար գեղանի հարսին բաց կոճերը եւ ձեռքերը։ Իրողութիւն էր, որ պառաւը երես կու տար գազանին։ Իրողութիւն էր, որ շունը ցերեկները կը հետեւէր Աղուորին, անկարող բաժնուելու անոր հայեացքէն։ Շան կաղկանձիւնը, խոշոր ու բզկտող բերնէ մը լեղի-լեղի կը դանկըտէր կարծես գիշերը, ինչպէս կը դիտուէր ատիկա վտանգին պահերուն, գողութիւն ու յարձակում։ Ամառ գիշեր էր ու տանիքներէն, ուր դեռ յամեցողներ կը պառկէին, տարտամ ձեւեր, լուսնով աղօտած, յառաջացան դէպի եզրերը [308], խուզարկու եւ անձկոտ, մէկը, հակադիր տանիքէն, [309] հազաց ու սաստեց գազանը.

 

-- Սուս, մերեթ [310] ։

 

Թաղը կ՚արթննա՞ր։

 

Խելայեղ՝ հաճի Աննան ինկաւ Սողոմին ծունկերուն.

 

-- Հօրդ մեռելին հոգուն, տղա՛ս, հօրդ մեռելին…

 

Չկրցաւ աւարտել նախադասութիւնը։ Այնքան սարսափ ու պաղատանք կ՚ընէին իր շարժումուկանչը [311] արտակարգ, վտանգի այնքան յստակ հեղանիւթ կար սենեակին մէջ, որ տղան ձգեց ինքնաբերաբար հարսը։ Մութը կը մնար մշուշուած ու կտրուած։ Չէին տեսներ, որ դէմերէն լոյս կը վառէին մարդիկ։ Երեք ձեւերը հազիւ պղտորում մը բերին այդ խաւարին։ Ե՞րբ ու ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ սեմին՝ Նալպանտենց Սերոբը։ Ատեն չէին ունեցած նկատելու ատիկա։

 

Անոր առաջին բառերը եղան՝

 

-- Գո՞ղ կայ։

 

Ընթացիկ կենդանի մը, գողը, գեղին համար։ Առաջները, թերեւս դարերով, գեղացին գիշերային այս սարսափները կապած ըլլալու էր թուրքերու խուժումին, որ ա՛լ հազուագիւտ էր, դրացի գեղերու վրայով։ Բայց գողը ունէր գոյութիւն, այս անգամ համագիւղացի։ Կը մտնէին անոնք, երկու-երեք, ընդհանրապէս համրուած ու արժանավայել տուներ, բոլորն ալ հարուստ, վաշխառու, առանց քրտինքի այդպէս ամբարձիգ [312] ։ Կը սոթտէին որոշ մարդավարութեամբ, այնքան՝ որքան հարկաւոր էր ապահով ձմեռուան մը համար։ Մեծատունները կը բաւականանային ամուր պատերով, [313] երկաթեայ պատուհաններով։ Եթէ բռնաբարուէին տան մուտքերը, կը վճարէին անաղմուկ ու կը զգուշանային կառավարութեան դիմելէ։ Գող մտնելու այս ընթացիկ բացատրութիւնը, վերջին տարիներուն, ստացած էր նոր ու փոխաբերական իմաստ։ Կը պատահէր, որ գող մտնէր նաեւ այնպիսի տուներ, ուր ոսկիին տեղ ոսկի հարսնուկ ու կիներ կենային։ Նալպանտենց տունը, երկու երեսներով ալ, ենթակայ էր գողերուն ախորժակին։ Ու քանի՜ անգամներ անոնց դուռները եւ պատուհանները համը առին այդ յարձակումներուն։ Նալպանտենց Սերոբը կրկին հարցուց։

 

-- Չէ՛, - պատասխանեց մայրը։

 

-- Ինչո՞ւ լուս չունիք։

 

-- Մարեցաւ։

 

Ինչպէ՜ս հանդարտ էր այս սուտը։

 

-- Ո՞ւր է Աղուորը։

 

-- Հոս։

 

Ինկաւ լռութիւն, չես գիտեր ինչպէ՛ս շինուած։ Սեմին կեցած՝ ան կը դողդղար սակայն ու կը զգուշանար ներս յառաջանալէ։ Արթնցեր էր շունէն, որուն տագնապը շատ զգալի չէր եղած ներսիններէն, աւելի խորապէս տարուած իրենց տագնապէն։ Անիկա վախկոտ եղած էր, պզտիկուց՝ իր փոքր մարմինէն, կարգուելէն ետքը՝ իր կնիկէն։ Այս էր պատճառը, որ իր պատուհանները ունէին զոյգ հիւսքով երկաթեայ ցանց։ Բակի մեծ դուռը՝ հնօրեայ գերանով կալանաւոր։ Ան կանխահոգ էր մօրմէն յետոյ, իր կատոզ ներուն ու Աղուորին հաշւոյն։ Ձայն էր տուեր կնկանը։ Չգտնելով զայն անկողինին մէջ, սարսափէն սառած էր պահ մը։ Շունին լեղի-լեղի պոռալը թռցուց խելքը անոր գլխէն։ Չէր կրցեր պատուհան երթալ։ Կանչած էր կինը սանդուխին գլուխէն։ Ու, շանը հաջոցին ընդհատներէն եկած էին իրեն, վարի սենեակէն, ձայնի խղդուկ կտորները։ Ինչպէս զատեց մօրը, Աղուորին ալ հեւքերը։ Սիրտ առած՝ իջեր էր սանդուխին աչքերէն ` լոյսէն ու մութէն հաւասարապէս խրտչելով։

 

-- Ի՛նչ կ՚ընէք հոս, - հարցուց կրկին։

 

Ան այս անգամ չէր սպասած պատասխանի ու զարկաւ լուցկին։

 

Դեղնորակ, դէպի կանանչը հակող պղտորման մը մէջ խորացաւ ու դողդղաց սենեակը ու անոր ծոցէն ուրուացան երեք ձեւերը։ Ամէնէն առաջ՝ Աղուորը, կուրծքին բանդ երը [314] փրցուած, շապիկը բզիկ-բզիկ։ Խառնուած էր, հսկայ ճմռկումով, հիւսքը անոր մազերուն, ոսկիներու շարոց մը շրջած՝ դէպի կռնակը։ Կարմիր էին այտերը, պիսակաւոր կարմրութեամբ ու քրտինքի գիծեր պղտոր բաներ կը հիւսէին անոնց վրան։ Լոյսը եղկելի ու անըմբռնելի ընկճումով մը անէացուց զայն։ Անոր շուքին՝ պառաւը, զոյգ թեւերը մեծ փորին վրայ, հեւքը զսպելու համար, շունչը ուտելով։ Սողոմը, քիչ մը բացուած, բայց չազատուած տակաւին իր սառումէն։ Կռնակը պատին, անորոշ ու վախկոտ, նայուածքի անկարող, բայց դաշոյնը կատաղի սարսափով մը դէպի դուռը սառեցուցած։ Այս կերպով լուսաւոր՝ պատկերը տեւեց հազիւ հինգ-տասը երկվայրկեան։ Բայց ամբողջ ու արտայայտիչ։

 

-- Հաճի Աննա՛։

 

Դուրսէն, դրացի Գոգոն էր։ Ոտքի ցաւէն գիշերները չէր քնանար ու պատուակալ հսկողն էր փողոցին։ Պատուհանին անկիւնէն անպակաս էր անոր մշտավառ ծխամորճը։ Ձայնին հետ լոյսը մարած էր ու սենեակը դարձած էր ստուերին։ Պառաւը սիրտ առաւ մութէն։

 

-- Լուս չվառես։

 

Ան հրամայեց տղուն ու գտաւ, ի՜նչ արագութեամբ, փողոցադիր պատուհանը։

 

-- Բան չիկայ, Գոգօ՛։

 

Եղկ ու փորձ ձայնը խաղաղութիւն տարածեց սկսող իրարանցումին վրայ։ Կոտրեցաւ շունին սպառնալիքը, վերածուելով փոքր ու խոնաւ մռլտուքի։ Հաճի Աննան երբ, փակելով պատուհանը, վերադարձաւ մութին, սենեակը եղած էր աւելի քան տարօրինակ։ Ինչպէ՞ս դրաւ, ինչո՞ւ դրաւ ինքզինքը գետին։ Ինկա՞ւ։ Չկրցան ճշդել։ Բայց անոր մարմինը լայնքին սարսեց հնօրեայ յատակը սենեակին։ Ու անոր վտանգաւոր ճիչը, պրկուած, բռնուած, քիչցուած՝

 

-- Սի՜րտս… սի՜րտս։

 

Կեանքին մէջ ցաւի հետ գործ չունեցած հաճի Աննա՜ն։ Ի՛նչ [315] զարհուրանք կար բառերուն վրայ։ Լռեց սակայն ու սենեակին մէջ մահէն աւելի գէշ բան մը ուրուացաւ։ Վտանգի մը վախը ոտքի եղողները միացուց անոր մարմինին շուրջը։ Սերոբը ուզած էր զարնել լուցկին։

 

-- Լուս չվառես, - շշնջաց անիկա ու դրաւ գլուխը գետին։

 

Նուաղա՞ծ [316] ։ Մութին կը լսուէր թեթեւ խշշոց մը` խոնաւ ու վիրաւոր շունչին տեղը բռնելով։ Ե՞րբ սառած էին ափերն ու ոտքերը։ Թօթուեցին զայն ու պատասխան չառին։

 

-- Մարեցաւ։

 

Աղուորն էր, լաւ օրերու իր շեշտովը։

 

Վախկոտ, նախապաշարուած, միշտ մօրը հնազանդելու վարժուած, Սերոբը, հակառակ փափաքին չզարկաւ լուցկին։ Աղուորը երկարեց ափը դէպի պատիհոն ը [317], շօշափելէն գտաւ քացախին սրուակը՝ պարպեց պառաւին ռունգն ի վեր։ Մութը կը մնար քիչ մը բացուած։ Իրենց ձեռքերը կը քսուէին իրարու ու շարժումները զգալի էին, տեսանելի ըլլալէ առաջ։ Փռնգտաց, հազաց, խղդուկ ու շնչահեղձ, բայց ինքզինքը գտնելու տեղ՝ երկարեցաւ պառաւը։ Ինչպէ՜ս կը տեսնէին այս լքումը, քայքայումը։ Անոնք վախցան։

 

-- Գնա՛ հագուէ, - հազիւ կրցաւ մտածել Նալպանտենց Սերոբը, որուն ուղեղին տակ շատ մը բաներ կ՚աշխատէին ըլլալ ու չէին յաջողեր։ Աղուորը անյայտ եղաւ։ [318] Էրիկը վառեց վերջապէս նախնական կանթեղը, որուն տեղը անխախտ էր տունին ու օճախին հիմնուելէն ի վեր: Հաստ, շոգեւոր, մախրի պէս խղդող լոյս մը դեղնեցուց պառաւին դէմքը, կէ՛ս, բերանը փակած տախտակամածին, որուն վրայ սեւ բան մը կը լերդանար: Արիւն էր: Հեղումին այս դէզ ը խստացուց անոնց զգայութիւնները: Սերոբը եղաւ բռնուած, ջնջուած ու դողդող: Կնիկի մարմնով ու հոգիով այդ մարդուն տկարութիւնն էր չկրնալ հանդուրժել կարմիր հեղուկը: Սողոմը իջաւ ծունկի: Առաւ պառաւին դաստակը: Կը շփէր, առատ, արագ, առանց փոքր իսկ հեւքի:

 

-- Ի՞նչ կ՚ընես։

 

Երիտասարդը պատասխան չտուաւ, գուցէ խօսքէն վախնալուն։ Ան առաւ պառաւին միւս դաստակը։ Կը շարունակէր մարձումը, ուժգին, աղմկոտ։ Վարժ իր շարժումները կու գային տարի առաջ [319] հօրը հիւանդութենէն։

 

Աղուորը, հագուած, երբ դարձաւ սենեակ, պառաւը բացած էր աչքերը։ Սողոմը մեղմացուց շփումը, բայց աչք չվերցուց Նալպանտենց հարսին, որ անցած տղուն հակադիր ճակատը, ծռած էր կեսրոջը դէմքին։ Ի՜նչ յոգնութիւն, ի՜նչ հեռաւորութիւն անոր աչքերուն մէջ, որոնք կը վախնային լոյսէն։ Թեթեւ հառաչանքի վրայ՝ անիկա փորձեց շարժիլ։ Չէր կրնար։ Չափեց մեղմով շուրջինները, զննող, երկիւղած ու անձկահար։ Ինչէ՞ն։ Գտա՞ծ էր գիտակցութիւնը: [320] Բայց խաղաղ էր անոր հայեացքը։ Ան ոչինչ տեսաւ անսովոր շուրջիններու երեսին։ Մտաբերե՞ց կրկին փոթորիկը։ Պայթա՞ծ, թէ վրիպած։ Ան չէր հարցներ։

 

-- Տեղանս [321] հոս բերէք։

 

Բայց զարմանալի կերպով յոգնեցաւ այդ զոյգ մը բառէն [322] ու հեւաց ամբողջ մէկ վայրկեան։ Յետոյ, առատ ու անդիմադրելի, հեւքը տարածուեցաւ կուրծքին։ Ու անոր հսկայ փորը, առանց կապի, կ՚իջնէր ու կ՚ելլէր։

 

-- Վեր, տեղդ չե՞ս գար։

 

Տղան էր, առանց մօրը հսկողութեան, պառկելէ վախուն։

 

-- Չեմ կրնար։ - Լռեց։ Բայց կ՚ուժովնար կափկափիւնը անոր ատամներուն։ Յայտնի էր, որ խօսքը կը վնասէր։ Խելամուտ եղաւ այս տկարութեան բանգէտ պառաւը։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ, փորձով տեսած էր հոգեւարքը [323] կանխող այս պատկերները ու ընտելացած անոնց ցուցմունքին։ Կեանքը, գեղերուն մէջ, այսպէս կը կքի, առանց որ մէկը կասկած ունենայ հիմերուն արժէքէն։ Ու կը ծրարուին մեր օրերը մահուան մատներուն տակ, յանկարծահաս ու անվերադարձ։

 

Հարսը վար կրեց անկողինը, զետեղեց զայն, քիչ մը այլուրային, դասական անկիւնը, արեգդէմ ու ոտքէ հեռու, ուրկէ պիտի վերցուին ընտանիքին մեռելները։ Օճախով սենեակները, այդ շրջանին ենթակայ էին նման յարդարանքի։ Մահէն առաջ այդ արդուզարդը, մա՛նաւանդ տարիքը կերածներուն, վերջին սփոփանքը կու տար պառկողին։ Հանգչեցաւ անոր մէջ հաճի Աննան։ Չէր զգար, որ հանուած ալ չէր։ Առջի իրիկուընէ մինչեւ սա լուսադէմի պահը՝ անիկա մնացեր էր ոտքի։ Հիւա՞նդ էր։

 

Իրողութիւն է, որ ծանր հիւանդի մը ներկայութիւնը յաճախ զօրաւոր ազդակ մըն է, անակնկալ ու խռովիչ, որ կը փոխէ ընթացիկ կարգը կեանքին։ Հաճի Աննան դիմագրաւա՞ծ էր եղերական կործանումը, որով կը դղրդէր տունը իր հիմերէն։ Առա՞ծ էր առաջքը հսկայ բախումին։ Ան չէր կրնար կտրուկ մտածել, բայց հզօր պայքար կը մղէր զինքը նուաճել ձգտող թմբիրին դէմ, վատ ու դժնդակ այդ սողոսկումին, որ կը քալէր վար ու վեր՝ սիրտէն դէպի ուղեղը, ըլլալով թեթեւ մշուշ ու պղտորում, դէպի ոտքերն ու ձեռնածայրերը, ըլլալով անհուն երկարում ու նօսրացում, չհատնող ճամբու, ճամբորդութեան մը զգացումին խառնուած։ Բռնի, զայրագին, իրարմէ հեռու կը մղէր իր կոպերը, որոնք թէեւ կակուղ, բայց ծանր էին՝ ձեւ առած կապարի թերթին նման ու կը քալէին դէպի իրար` լուրջ ու անդիմադրելի։ Ծունկի, [324] վերմակին տակէն, հարսը բռնած կը պահէր անոր մատները, որոնք փայտի պէս կարծր ու չոր էին, հակառակ քնքուշ իրենց մանրութեան ու չէին տաքնար։ Սերոբը բան մը ըրած ըլլալու համար պատիհոնէն առաւ ջուրին կուժը ու դրաւ սնարքին։ Անդրավարտիքով էր ան ու գէր անոր մարմինը կը լողար կտաւին ծալքերէն։ Այն ատեն միայն տեսաւ, որ մայրը հագուած էր։ Ու հագուած՝ Սողոմը, մինչեւ գուլպաները։ Ինչո՞ւ,   [325] չմտածած ա նդրադարձաւ մեծ եղելութեան ու ինչո՞ւ այսքան ուշ։ Ի՞նչ գործ կրնար ունենալ Սողոմենց Սողոմը սա պահուն, այս սենեակին մէջ։ Ու տեսաւ, որ քիչ էր մտածածը։ Հապա մո՞ւթը, հապա անկէ առա՞ջը։ Կնկանը եւ մօրը հետ, քով քովի։ Տառապած ըլլալու էր այս սուզումէն, վասնզի ձայնը հնչեց, դաժան ու գրգռիչ.

 

-- Դուն ի՛նչ գործ ունիս հոս։

 

Սողոմը չէր իսկ նայած ձայնին։ Բայց անոր ափը մէջքն էր։ Ու դաշոյնի երախակալին վրայ պնդուած անոր ափէն սպառնալիքը կը տարածուէր ամբողջ մարմինին։ Այս պրկումը, ձգտումը տպաւորեց վախկոտ ու կնամարդ երիտասարդը, որ զարմացուկ, բայց մեղմ՝ դարձաւ մօրը։ Հարցո՞ւմ։ Չէր կարելի ճշդել։ Բայց ի՞նչ կ՚ուզէր անկէ։ Ինչո՞ւ կ՚ընկրկէր տան ծառայէն։ Ինչո՞ւ մոռցաւ կնիկը։ Տեսաւ ու զգաց ասոնք խելացի Սերոբը, բայց մնաց լուռ։

 

-- Գնա՛ տեղդ, - մրմնջեց հիւանդը, աղերսարկու եւ հանդիսաւոր։

 

Առանց բառի, բայց առանց իջնելու իր փուշերէն ու գազանագին կարծրութենէն, Սողոմը ելաւ դուրս։ Երկու աչք սանդուխէն, երկու խիստ քայլազարկ, հատիկ-հատիկ, հայհոյութեան նման, գրգռիչ եւ վիրաւորիչ։ Նոյն այդ զարկը՝ անջատուող՝ բակէն ու հնչեղ։ Խուցի դրան եղերական, երկարուն, բարկացոտ ճռինչը։ Ու լռութիւն։ Որո՞ւ ուղղուած՝ անոնց իմաստը։ Ձայնի այս պատառները յստակ էին սակայն, արտակարգ ըսուելու չափ պարզ՝ երկու կիներուն համար։ Սերո՞բը։ Գիշե՞րն էր, թէ անոր գերագրգռուած զգայարանքները, որոնք այսպէս բացառիկ իրականութեամբ մը կը ստանային զգայութիւնները [326] ։

 

-- Բա՛րձ։

 

Դրաւ Աղուորը անոր կռնակին՝ խոշորկեկ ու թաւ բարձը, որուն վրայ ատենին դրուած էին, ըլլալու էին, նոյն հանդիսաւորութեամբ, կեսրոջ ու կեսրայրին գլուխները հաճի Աննային։

 

-- Վառեցէ՛ք։

 

Չշարունակեց։ Հրամանը կ՚երթար ձեղունէն կախ մետաղեայ մեծ լամբարին, որ հաճի Արթինին փառքէն վրիպած գեղեցիկ նորութիւն մըն էր գեղին համար։ Հանդիսաւոր օրերուն միայն լուցկի կը մօտենար անոր։

 

Վառեցին։ Հսկայ լոյսը նուաճեց ստուերի բոլոր վարանոտ դալկութիւնները, պառաւին խղճմտանքէն վար ուրիշ ալ դալկութիւններ ու սենեակէն կարծես վանեց մղձաւանջը, որուն մէկ թեւը թէեւ հեռացած Սողոմին մեկնումովը, միւսը կը շարունակէր թրթռալ մահիճի շրթունքին։

 

-- Ձգեցէ՛ք վարագոյրները։

 

Ինչպէ՞ս խելք չէին ըրած։ Ըրաւ ատոնք ալ, մեքենական, անկնիք շարժումով։ Չկամ էր ան ու իր խելքէն խթանուած, անձնատուր ներքինիի իր հաշիւներուն։ Բայց համբերութիւնը մօտ էր պատռելու։

 

-- Ի՞նչ եղաւ։ Ինչո՞ւ չէք ըսեր։ Ի՞նչ կ՚ընէիք հոս։ Ի՞նչ կ՚ընէր ատ տղան հոս։

 

Տարափ մը այս հարցականները ոչ թէ բառերու, այլ՝ ճիչերու, որոնց իւրաքանչիւրի ծայրին անոր էգ ձայնը կը սպառէր ամբողջովին խղդուած ու փոշիացած, բայց հրաշքով ինքզինքը կ՚ըլլար, կրկին, նոյն գիծով, յաջորդին վրայ։ Հզօր բարկութիւն մը, նեղ ու վատ, որ անոր դէմքը կ՚այլափոխէր ու կ՚աւրէր ամբողջ շնորհը մարդկայինին, պտուտակի մը պէս կը ցածնար ու կը նեղնար անոր հագագին վրայ։ Այս խզուըրտիւնին ընդմէջէն զզուելի՛, այսքա՛ն կրնար ըլլալ այդ հոգին։ Ու գարշանքը՝ կոյանոցէ մը ինչպէս արտարձակ, բռնեց ամբողջ սենեակը։ Ոչ մէկ ատեն անոր կինը այսքան յստակ զգացեր, տեսեր էր այդ աղտոտ բանը, որ հոգիին աղբն է, թեւաւոր ու պաղ, ծանր ու մածուցիկ։ Ան բնազդաբար քաշեց ձեռքը պառաւին ափէն։ Լոյսով, որ կապուտիկ բան մը կ՚ըլլար անկիւններուն, ապակիներու շրթունքին, ողողուած սենեակէն կը յառնէր աղէ՜տը։ Զգաց ատիկա հիւանդը ու հեծկլտաց։

 

-- Ի՞նչ եղաւ։ Ի՞նչ կ՚ընէր հոս։

 

Չկրցաւ աւարտել, այնքան սաստիկ էր կիրքը։ Բայց տարօրինակ էր, որ հակառակ յայտնի այս բորբոքումին իրմէն դուրս գար սուտի, կեղծի [327] անծածկելի հոսում մը, որ կը յիշեցնէր տղոց, անկարող ծերերու գոռում-գոչումը։ Այսպէս էր անիկա դպրոցին մէջ արդէն։ Այսպէս կ՚ըլլար մա՛նաւանդ փեսայութենէն ասդին ու միշտ մօրը յաւելումովն էր, որ անոր բարկութիւնը կշիռի կ՚ելլէր։ Այս յարմարումով էր, որ քալած էր անոր բռնակալութիւնը անկողինին վրայ։ Յետոյ, տունինները վարժուած էին այս ուռեցքներուն, որոնք ելլելնուն արագութեամբը սովոր էին իջնելու։

 

Բայց հարցումը, երկրորդ անգամ, կրակի պէս դպաւ Աղուորին։ Աղէտէն ետքը, ան պիտի մտածէր այս զգայութեան պատճառին ու պիտի չգտնէր։ Ինչպէ՛ս անիկա թօթուեց ինքզինքը, մէկ երկվայրկեանի մէջ։ Ցատկած էր ոտքի։ Փլո՜ւմ։ Կործանո՜ւմ։ Ամբողջ անցեալ մը մոխիր դարձած թուղթի մը պէս դիզուեցաւ անոր ոտքերուն։ Բայց կեցած էր անիկա շեշտ։ Լոյսին ամբողջ ալիքը, գեղեցկութիւնը չկրցաւ մեղմել, հակակշռել անոր աչքերուն ու երեսին անտանելի գռեհկութիւնը, որ մեծ կռիւներու, կիրքերու ընթացքին կը շինէ մեր անկասկածելի, վաւերական դէմք ը ։ Ազնուական ու նրբացած հոգիները այդ բռնկումին մէջ կ՚այլագունին ու կը շահին [328] ։ Արիւնին դալկութիւնը երբեմն հոգիին ալ դալկութիւնը կը մատնէ եւ դիտողութիւնը կարելի է ճիշդ նկատել հակադիր առումէն։ Ի՜նչ տգեղ էր ան, գորտի նայուածքին եւ ուռած այտերուն անկանգնելի տխրութեամբը։ Բայց ինչ ալ զօրաւո՜ր։ Կիներուն համը դուրս է իրենց շէնքէն ու կիրքը հանդարտն ալ, խելօքն ալ այդ համին խորհրդաւոր նշանա՜կը։ Անիկա պոռաց, թուքերը ցայտեցնելէն, էրկանը երեսին.

 

-- Ի՜նչ կ՚ընէինք [329] ։

 

Զարկաւ ափը ափին, ինչպէս վարժութիւն է կիներուն փողոցային բախումի ատեն։

 

-- Կը պագտուէինք։

 

Քար իյնար երկինքէն, այնքան սառում ու սոսկում չստեղծէր գուցէ։ Ուրկէ՛ գտաւ այդ անպատկառ, գրգռիչ համարձակութիւնը։ Դեղնեցաւ անիկա, անկարելի նուազումով [330] մը, որ պարպեց անոր այտերը արեան վերջին կաթիլէն։ Զարհուրանքը բռներ էր զինքը։ Ու գտաւ, զգաց ինքզինքը անհաւատալի տկարութեամբ, ամբողջովին պարպուած ինքնիրմէ։ Ծունկերէն տաք ջուր, եւ ոսկորներէն՝ կապ։ Տեսաւ, որ կ՚իյնար, բայց կոկորդը կը սեղմէին։ Փռուած էր գետին, մեծատարած ճիչով մը, զոր փշուր-փշուր ըրաւ սակայն կոկորդին պրկումը ազատելու ճիգին մէջ։ Կորսնցո՞ւց [331] ինքզինքը։ Իրողութիւն էր, որ անոր բերնէն սկսաւ դուրս գալ համաչափ, բզկտող ու մարդերը մինչեւ աղիքները գալարող այն նորելուկ աղաղակը, որուն ենթարկուած էին քանի մը մատաղատի հարսեր։ Շատ տարի չկար, որ մուտք ունեցեր էին գեղին մէջ այս հիւանդութիւնները։ Տեսակին մէջ շատ, խորքին մէջ մնալով նոյն, այդ ախտը կը հարուածէր բացառապէս հարուստ տուներու նրբենի եւ աւշային կիները ` աղուորցնելով անոնց զաղփաղփուն աղուորութիւնը [332] բարակ ու ազնիւ հովով մը, բայց ճուացնելով զանոնք խոզի պէս, աքլորի պէս։ Հարսները կը մռայլուէին, կը դեղնէին, կը դողդղային, կը մարէին։ Փակաչք՝ անոնք կը շարունակէին պոռալ սրտակեղեք իրենց ճիչը, միօրինակ, սուր, թափանցող, երբեմն հինգ-տասը վայրկեան, երբեմն ամբողջ ժամ մը։ Տագնապէն յետոյ անոնց կղպուած մատները կը թուլնային, փետտելու համար ինչ որ իյնար անոնց մէջ, ամէնէն շատ սեպհական մազերը ու կ՚ելլէին ոտքի, խարխուլ, կոտրուած ու մռայլ, քանի մը օրուան համար։ Կային՝ որ անմռունչ կը պառկէին, փայտի պէս ու կը մնային օրերով անշարժ։ Դասական ու գեղացիներուն հանրածանօթ ցաւը` լուսնոտութիւնը, չէր ասիկա։ Քաղաքէն եկած ըլլալու հակառակ՝ անիկա կ՚արհամարհէր քաղքի բժիշկները, որոնք կանխահաս ամուսնութիւնները կը մեղադրէին եւ արգանդի այս ախտերը կը կապէին արգանդի վիզին։

 

Կամարաձեւ՝ անոր իրանը կը գալարուէր թեւերուն եւ ոտքերուն զոյգ աղեղներուն վրայ։ Այս պրկումը՝ երկու վայրկեան, որմէ վերջ անիկա փլած էր շրջող սիւնի մը նման։

 

Ամբողջ տագնապի ընթացքին պառաւը բերնէն չէր բաժնած Մանասէ թագաւորին ամենաբուժ աղօթքը, որուն համբաւը անմեկնելի էր մինչեւ այդ միտքերը.

 

-- Տէ՜ր ամենակալ, Տէ՜ր ամենակալ, Տէ՜ր ամենակալ…

 

Իր տունին վրայ խուժող այս նոր փորձանքը ստեղծեր էր անոր խարխուլ խորութիւններէն անտիպ ուժեր, որոնք կարծես անոր մարմինէն չճարուէին։ Կը գործածէր ձախ թեւը, որ մուրճի, դարբիններու հսկայ մուրճի զարկով մը կոտրած կը թուէր իրեն քիչ առաջ ու կը կառավարէր նոյն աչքերով ճչացող մարմինը հարսին ու ահաբեկ փոշիացումը տղուն։

 

Ամբողջ տագնապի ընթացքին Նալպանտենց Սերոբը, քար կտրած, սպասեր էր կնոջը լռելուն [333] ։ Հետզհետէ ան թափանցեց նախատինքին, բայց զայն կը հասկնար ինչպէս ամէն խաբուած էրիկ, այսինքն՝ չհաւատալով։ Ու այս ստուգութեան ուժովն էր, որ պոռաց, ոտքերը գետին զարնելով, ձայնն ելածին չափ՝

 

-- Մօրդ տո՛ւնը…

 

Անիկա առաջին անգամն էր, որ էրիկմարդու շեշտ կը գտնէր։

 

Հարսը գլուխն անգամ չդարձուց։ Լսա՞ծ էր։

 

Շունը կրկին ձայն տուաւ։ Պառաւը, հակառակ անհուն [334] սպառումին, մէկ ձեռքով սիրտը բռնած, միւսը կռթնցուցած տախտակամածին, կ՚աղերսէր.

 

-- Կամաց, զաւակս, կամաց… ալէմ ը չիմանայ, կամաց։

 

Գերագոյն մտահոգութի՜ւնը պառաւին։ Ան կը պաշտպանէր տունին հզօրագոյն խորհուրդը։ Տկար այդ արարածին դէմ, որ հիւանդն էր սա պահուն, անոր տղան, կիներու յատուկ ցուցամոլութեամբ մը աւելցուց իր ձայնը ու գրեթէ փողոցէն լսելի բարձրութեամբ մը կը պոռպռար.

 

-- Մօրդ տո՛ւնը, մօրդ տո՛ւնը, պո՛ռնիկ [335]

 

Բայց բառը կէս մնաց բերնին։

 

Յայտնուած էր Սողոմը, սենեակի սեմին։ Ուրուականի պէս, կտրուկ ու ցուրտ՝ ան բուսաւ անակնկալ, դաշոյնը մերկացուցած ու կանգուն մը երկարած մարմինէն առաջ։ Քիչ առաջուան մեղմ ու աղկաղկ ծառան չէր հիմա։ Սեւցած էին աչքերը ու չէին նայեր։ Աւելի տարօրինակը անոր գօտիին ծաւալումն էր, ուսերէն մինչեւ զիստերը ` պատկերելով տիպարը նոր տղոց, [336] անո՛նց՝ որոնք կանչուած էին արկածներու կենցաղին։ Ե՞րբ գտեր էր անիկա այդ մէջքը։ Եւ անոր դէմքը կ՚արտայայտէր արիւն ու կրակ։ Ոճիրին այս զգեստաւորումը չարագուշակ է ու գեղացին վարժուած է պատկերին։ Շաբաթ չ՚անցնիր, որ անոր ահաբեկ աչքերը չդաշունուին այս կարգի ելոյթներէ։ Կը ճանչցուին այդ տղաքը, առաջին իսկ ակնարկով, որ անոնց դաշոյնները կը նետէ այդպէս իրենցմէ կանգուն մը առաջ։ Ընդմիշտ կործանած է ան, որ դանակ կը քաշէ ու կ՚ընկրկի։ Գեղացին անխնայ կը հեգնէ, մինչեւ իրենց մահը, այդ «օդ դանկըտող»ները։ Այս է պատճառը, որ անոնք ըլլան այսքան ճակատագրական։

 

Խելայեղ՝ Նալպանտենց Սերոբէ էֆէնտին հազիւ ատեն գտաւ կնոջը վրայէն ցատկելով, ապաստանելու մօրը ետին։ Կարճ անոր մարմինը գրեթէ կը կրկնէր պառաւին հասակը, որ պաշտպանեց զայն իրանէն` վերմակը տեղաւորելով գլխուն, սրտին՝ ինչպէս ագռմէջին գաւառներուն։ Փորձութիւնը կը վարէր պառաւին շարժումները։ Աղուո՞րը։ Կիսախուփ աչքերով կը հետեւէր իրողութեանց։

 

Ու զարհուրագին գեղեցկութիւն մը կար պատկերին վրայ։ Հարսանեկան [337] այս լուսաւորութեան մէջ, դաշոյնը ակօսաւոր իր մարմինէն ճառագայթներ կը ցրուէր ու կը թրթռար, կաթիլ-կաթիլ իր սայրէն, զինքը այդպէս դողացնող ձեռքը ընելով հեքիաթի մը պէս գեղեցիկ եւ իրաւ։ Պարման ու սրտոտ անոր հասակը կը լուացուէր դեղնութեան ջուրի մը մէջ, որ անտես, բայց իմանալի շնորհի մը պէս կ՚աւելնար սուրին ստեղծած առքին։ Գտնելով տարածութիւնը բաց իր առջեւ՝ անիկա նետեց գետին, իր սայրին վրայ, մահուան գործիքը, որ մխուեցաւ տախտակին, պահ մը թրթռաց ու կեցաւ հանդարտ։ Պառաւը աչքը չէր բաժնած արծաթ այդ առարկայէն։

 

Առանց նայելու անկողինին՝ Սողոմը իջաւ ծունկի Աղուորին դէմ։ Իբր թէ իր կնիկը, քոյրը [338], մայրը [339] ըլլար, անիկա այդ տեսարանին առաջ, մանկացաւ գրեթէ, խանդաղատ, յանկարծական փղձկումով մը, որ անոր խառնուածքին հիմնական բխումն էր կազմեր մինչեւ սա կնիկին ծոցը ու ասկէ առաջացած նոր բռնութիւնը։ Առաւ դաստակները, զոյգ՝ իր լայն ու բռնկած ափին մէջ։ Ի՜նչ պարզ եղան այդ միսերը իր ափին մէջ։ Ան չէր հաւատար։ Անկողինին ետեւէն շարժում մը գրաւեց իր ուշադրութիւնը։ Աչքերը, կատաղի եւ արիւնոտ, չափեցին մօրը կռնակէն կէս-գլուխ հայող Սերոբը, որ չքացաւ ու վերմակ դարձաւ։ Յետոյ նայեցաւ, մեղմ, Աղուորին։ Լոյսին առատ դեղնութեան տակ հարսին դէմքը, թեթեւօրէն դալկոտ, կը հեռանար կարծես մեր աշխարհէն։ Կը պատահի այս պատրանքը, երբ աչքերը բացակային դէմքէն ու գոյները հաւաքուիլ յամառին։ Մեղմ ու խորունկ բանով մը, որ սէրն ըլլալու էր, ան կը շփէր դաստակները, փափուկ, կապտաւուն, երկնային խմորի պէս դաշն ու ճշմարիտ մսի նման սրտառուչ այդ բեկորները անոր մարմինին, որ մութէն, վերմակէն, վախէն եւ ուրիշ բաներէ գողցուած մինչեւ սա րոպէն, անոր զլացած էր իր խռովքին ամբողջ կշիռը։

 

Փողոցէն, դադրեցաւ շունը։ Փոխարէն՝ լեռ, փայտի գացողներու վաղայարոյց խումբն էր, որ ձայն կը ձգէր։ Կը սկսէր ուրեմն դուրսը, ինչ որ կեանք կը կոչուի, իրականութիւնը, տունը, զբաղումները… ծառայութիւնը։ Մինչ անոր մատներո՜ւն տակ…։ Շփումէն թէ ուրիշ պատճառի տակ՝ Աղուորին նուաղումը խորտակուեցաւ։ Թարթիչներուն շուքէն՝ ինչպէս անդունդէ մը, ծագեցաւ անոր բիբին մէկ մասը, հոգիի կտորի մը պէս, պարզ, մատնող, անծածկելի։ Յետոյ՝ թել-թել բացուեցան աչքին անտես հիւսքերը, որոնք նայուածքը կ՚ընեն։ Դարձաւ արիւնը անոր երեսին, այրելու եւ թաւշանալու։ Եւ ունեցաւ անիկա, զեղուն, մերկ ու բարի մէկը այն նայուածքներէն, որոնց կրունկին տակ երիտասարդը կը ստիպուի երբեմն եօթը լեռնէն անդին անցնելու, կամ ծերը իր տունն ու տեղը կ՚աւրէ, մարմինն ու հոգին անթարթ՝ մորթելով։ Կիները ունին այդ պահերէն եւ գիտակ են անոնց արժէքին, [340] վտանգին մէջ. [341] էրկանը աչքին դէմ սկսող այս տարփանքը Աստուած միայն գիտէ, թէ ո՛ւր պիտի տանէր մինչեւ անոր սիրտը։ Անոնք խօսեցան իրարու մատներով [342] ու աչքերով։ Բայց սկսող այս քաղցրութիւնը մթագնեցաւ նոյնքան անակնկալ յուզումի մը ներքեւ։ Աղուորին աչքերը քողուեցան անստոյգ ու ծանր բաներով։ Գիտակցութիւնը անոր կը վերադարձնէր անսրբագրելի իրականութիւնը, Նալպանտենց տունը եւ Սերոբին անկողինը։ Շատ զգացած ատեննիս է, որ կը մտածենք շատ ալ արագ, ու պատկերէ պատկեր կը հոսինք այնքան թեթեւ, որ շարժումն իսկ չենք զանազաներ։ Անվախճան գերութեան [343] կսկի՞ծն էր, որ անոր մէջ վերածուեցաւ արցունքի տարափի մը։ Կարծես անոր հոգիին վրայ գորշացող ամպը պատռուէր եւ թափէր դուրս։ Կու լար բարձրաղաղակ, անվերապահ ու յուսահատ, ճիշդ ու ճիշդ թելադրելով պատկերը կեանքին, որուն մէջտեղը կը կենար հիմա` ունենալով մաս մը ետին, սեւ անցած մը, բայց մա՛նաւանդ մեծագոյն մաս մը առջին, մինչեւ գերեզման քաշկռտելով ահաւոր դիակը իր մարմինին։ Պահ մը եկան անոր փափաք մը՝ լռելու, ամօթի ճնշում եւ ուրիշ բաներ, որոնք ընկերութիւնը, հաւաքական կենցաղը, գեղին ծանր աւանդութիւնները կը դարբնեն մեզի համար։ Բայց նոյն պահուն Սողոմին մատները կ՚անցնէին անոր մազերէն գողտր, գգուելի կրակի մը պէս։ Աչքերուն փոսիկները իջան` դողահար ու սիրաւէտ։ Ասիկա ցնցեց սկսող նուաղումը եւ փարատեց արցունքին տարափը։ Ո՜վ տարօրինակութիւնը մարդերու սիրտին։ Ու սո՜ւտը, վատ, գռեհիկ սուտը օրէնքներուն, որ կը շինենք մենք ` խելացիներս, ու անոր վրայ կը խարսխենք աշխարհի կարգերը ու, մա՛նաւանդ՝ սրտին մոյթերը։ Ո՜վ մեր յիմար ճարտարապետութիւնը։ Մեր յաւակնոտ հոգեգիտութիւնը, իր տարազներուն խայտաբղէտ օրինագիրքովը։ Ամբողջ շաբաթ մը, առջի իրիկուընէ մինչեւ արշալոյս, Նալպանտենց հարսը ունեցաւ այս տղան իր ծոցին, բայց օտար, դուրսէն մարմինի մը պէս։ Ունեցաւ հպարտութիւնը անոր հասակին, ու անկէ հոսող առնութիւնը, կսկծոտ, ջերմին, հզօր, բայց ունեցաւ իր հաշւոյն։ Հակառակ իր կամքին չխօսեցաւ անոր ո՛չ բերնէն, ո ՛ չ ալ մարմինին այն մասերէն, որոնց գիտենք այնքան խորունկ լեզուներ տալ, երբ փափաքինք։ Անոր սպասեց ոչ իր սիրտէն, այլ՝ ուրիշ կեդրոններէ։ Անոր երազեց միայն ու միայն այն ժամերուն հաշւոյն, որոնք անկողինի մը մութը այնքան կայծկլտուն, ակօսուած, բաբախուն կ՚ընեն։ Օտար էին սակայն անոնք իրարու։ Երբ զայն ճամբու դնէր լուսադէմ՝ ան կ՚անդրադառնար կիներուն, որոնք լեռ կը հանուին, կը լլկուին, կը մեռցուին կամ գեղ կը դարձուին, բայց որոնց խորհուրդը կը կրծէ բոլոր կիներուն զգայարանքները։ Սէ՞ր։ Անիկա չէր մտածած նման յիմարութեան մը։ Մնաց որ, էրիկները խաբող կիները շատ ցանցառ են կարգ մը գեղերու մէջ։ Ան լսած էր անոնցմէ հատ մը։ Կը հաւատար մինչեւ երէկ, գուցէ սա պահը, անոր հաւաստումին, որ կը հերքէր սէրը, բայց կ՚օրհնէր վայելքը։ Որուն բերած փաստերը կը պատշաճէին թուրք կիներէ երգի ելած դրուագներուն ու բաւ էին լուսաւորելու կիներով յօրինուած տրամները։ Բայց հեքիաթը հեքիաթ է, այսինքն՝ արտաքին ամէն իրականութիւն հովին նման կը դպի մեզի ու կ՚անցնի։ Սէրը, մահը, գայթակղութիւնը, ուրիշներու քամակին երկաթէ գունդի կը նմանին ու պղպջակ՝ մեր աչքին։ Նալպանտենց հարսը չէր խորհած, հասկնալու ճիգով, այն քանի մը վիճակներուն, որոնք կ՚երգուէին, բայց անհաս[ան]ելի [344] էին։ Մահէն ալ վեր, խոր դէպքեր ատոնք, որոնց մէջ կինը, միս-մինակը դէմ կ՚ելլէր աշխարհին օրէնքներուն։ Ու կ՚ընդունէր իր սիրածը իր յարկին տակ։ Գայթակղութիւն, զաւակ, ազգական, ընտանիք, բոլոր կարգուսարքը, զոր դարերը պուտ-պուտ ճարած են իբր յատակ մեր կիրքերուն հոսումին։ Ու ինչ որ մեր հոգիին վախը [345] կը կազմէ։ Ասոնք նկատելի, երբեմն դժնդակ, երբեմն գեղեցիկ բաներ [346] ըլլալու էին։ Բայց կայ կինը, կայ մարդը, որ կը ցատկէ ամէնուն վրայէն։ Եւ եղան՝ որ մեռան այդ ճամբու կուշտին, բայց չդարձան։ Ու կար այս պահն ալ։ Ու ահա կ՚ըլլար անիկա իրականութիւն Նալպանտենց հարսին համար ալ։ Այս թափանցումը տեղի ունեցաւ անկողինէն դուրս։ Ու պարտուեցաւ [347] անիկա ընդմիշտ։ Ու բացաւ անիկա դուռները իր հոգիին։ Կապուած էին իրարու՝ գործածելու համար ընթացիկ բանաձեւ մը, ճակատագրին հանգոյցովը։ Չորցան արցունքին ճամբաները։ Ելաւ ոտքի։ Թեթեւ, նոր, սկսող։ Մէկէն օտար զգաց ինքզինքը սա տունին մէջ եւ առժամեայ։ Կարծես լարեր երկնցան իրմէն դէպի դուրս։ Ո՞ւր։ Չէր գիտեր։ Բայց ամուր կը զգար։ Բայց կը հրէին զինքը։ Դո՜ւրս այս տունէն։ Որքան ատեն, որ տղուն աչքերը եղան իր վրայ՝ անիկա պահեց իր յուզումը, փոթորիկը։

 

Գեղերուն մէջ, երբ դանակը փայլի, արիւն ու արցունք կը հետեւին անվարան։ Ինկողին վրայ լացին ու կոծին մէջ, զարնողը նոյն այդ զէնքով կը ճեղքէ ամբոխը, կը բանայ իր ճամբան ու կ՚ամրանայ դէպի լեռ։ Շատ հազուադէպ է, որ հոս պատահածին նման գիշեր մը, մինակութիւն մը, մա՛նաւանդ գայթակղութեան մը սարսափը տիրապետեն տեսարանին ու արիւն չհոսի այս հաշիւներով։ Սիրտի ցաւ։ Ներքինի էրիկ մը։ Սիրուած կնիկ մը։ Պատճառներ՝ որպէսզի դաշոյնը մխուի տախտակին ու չշարժի։ Դաշո՛յնը, սենեակին մարդերուն մէջէն ամէնէն խելօ՜քը։ Միւսնե՞րը։ Պառաւը մտած էր ամօթալից հանդարտութեան մը մէջ։ Ան կը տառապէր իր հաշւոյն։ Սերոբը՝ մօրը կռնակին, ապշահար ու խեղճ։ Տիրակա՛ն՝ Սողոմը, որ այս հաւախօսէն իսկ կը մտնէր նոր իր կեանքին։ Անիկա ամբողջ գիտակցութիւնն ալ չունէր կատարուած փոփոխութեան։ Դէպի արիւնի եւ ոճիրի պողոտաները անիկա կը քաշուէր ամուր ու արագ։ Կասկա՞ծ։ Չունեցաւ այս փոքր բանը, վասնզի քիչ առաջ, երբ սեմէն նետեց դաշոյնը առաջ իր ուսերուն ամբողջ թափովը, անիկա դուրս էր ա՛լ [348] իր անցեալէն, մօտիկ ներկայէն, խակ պատանիէն, որ կնիկի մը ծոցէն կ՚առնէ կրակին առաջին մկրտութիւնը։ Երկարեց ափը գետին։ Վերցուց դաշոյնը եւ զետեղեց գօտիին խորը։ Այն ատեն տեսաւ, որ ընելիք չունէր, բայց չէր կրնար մնալ, մա՛նաւանդ չէր կրնար հեռանալ։ Տուաւ կռնակը պատին։ Չէր մտածեր ու սուզուած կը թուէր։ Աքաղաղները արագ-արագ կը պոռային։ Փողոցին վրայ ուրիշ ձայներ ծայր տուին։ Մօտ էր լոյսը։

 

Սողոմին դաշտ մեկնելէն ետքը, պառաւը մտաւ ծանր, բայց հանդարտ քունի մէջ։ Ի՜նչ տաղանդով անոր յաջողուեցաւ զսպել ծառան, համոզել ու ղրկել գործի։ Ան գոցեր էր աչքերը պարտասած բոլորովին այն յուզումներէն, որոնք իրենց լրումը գտան լուսցող գիշերուան մէջ։ Անոր թմբիրին դէմ, էրիկ-կնիկ մեղմով ելան դուրս։ Անոնք տեղ չունէին իրենց ամօթին։ Քաշուեցան բռնի, իրենց սենեակը։ Հոդ, այդ լլկուած վերմակներուն վրայ, ուր առտուան լոյսն իսկ կ՚իյնար աղտի մը պէս, անոնք մօտեցան իրարու։ Մարմնի շփում մը չէր կատարուած։ Սերո՞բը գիտէր ամէն բան [349]

 

Հինգ վայրկեան յետոյ անիկա կ՚իմանար ամէն բան։ Ինչո՞ւ այս խոստովանանքը, անպէտ ու անօգուտ՝ այդ մարդուն դիմաց։ Ցած ձայնով, առանց դոյզն տագնապի, զարհուրելի բնականութեամբ հարսը պատմեց պատահարը։ Մինչեւ յետնագոյն իսկ նեարդները կապուած, շղթայուած՝ Սերոբը մտիկ ըրաւ։ Առաջին իսկ թափանցումէն անիկա խորտակուեցաւ իր բոլոր շպարուն կարծրութենէն։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ սրճարանի պատմութիւն մըն էր, որ մտիկ կ՚ընէր, օտար իրեն բոլորովին, բերանն ալ, դէպքն ալ օտար։ Գեղերու կեանքին [350] է՛ն հզօր պատահարը այսպէս ձեւի մտած, այս հասակով ու պարզութեամբ, կը դադրէր իր արիւնազանգ խռովքէն։ Կը դադրէր մա՛նաւանդ իր եղերականութենէն` կնիկի մը հաշիւներուն ցանցին յարմարելու չափ։ Ի զո՜ւր փնտռեց իր մէջ այս գալարումը, ամբողջ անձին կծիկի մը պէս ոստումը, որոնք երգին մէջ կը թրթռան ու «աչքերուն առջեւ կրակ կը կապեն»։ Դանա՜կ՝ որ կը շուլլուի շրթներուն քովերէն, կը հերկէ այտերը, կը պատռէ աչքին գունդը, կը գտնէ ծիծերը եւ կը բզկտէ արգանդը։ Քանի՜-քանի՜ մարդերուն գրուեցաւ այս բախտը։ Կա՛մ չուան, կա՛մ մատներու օղակ, կա՛մ բարձ, կա՛մ անկողին, որոնք կը նետուին կնոջ մը վրայ, զայն կը մեռցնեն քիչ-քիչ, համրել տալով կեանքին վերջին զարկերը անոնց մեղապարտ լանջքին ներքեւ։ Այսպէս կը պատմեն հիները, խաղերը, բանտերը։ Սերոբին զգացա՞ծը։ Կնիք չունեցող յուզումներ, որոնք բարկութեան վերածուելու համար կը պահանջէին ճիգ ու պրկում։ Կի՞րք։ Չէր կարելի այդ անունը տալ այն քանի մը սարսուռներուն, որոնք, բոլորն ալ մարմինին վերին կալուածներէն, լար չունէին մինչեւ անոր ողնայարը։ Շարժումի ելան աչք, քիթ, ուղեղ։ Քիչ մըն ալ շրթները։ Բայց կը նեղուէր կուրծքէն։ Օդի՞, զովութեա՞ն պահանջ։ Չբացաւ սակայն պատուհանը՝ դէմի տուներէն վախո՞ւն, լոյսէ՞ն ամչնալուն, թէ ուրիշ աւելի թաքուն պատճառի մը տակ։ Եղաւ ատեն, որ աչքերը չհամարձակեցան խօսողին վրայ կենալու եւ սահեցան գետնի գորգին։ Հարսը ըրած էր իր պատմութիւնը, առանց նայուածքը վեր, դէպի էրիկը ընելու։ Առաջին բառերէն ետքը, շեշտուած էր անոր բնականութիւնը։ Անմեղութեան պատրա՞նք մը այս վստահութիւնը կը յօրինէր, թէ ուրիշ աւելի խիստ որոշում մը։ Երբ աւարտեց, կը նմանէր մէկու մը, որ կեանքին հզօրագոյն զոհը կու գայ ընելէ եւ դուրս է վախէն։ Ինչպէս կեանքէն։ Չփոխեց գոյնը։ Մազին թելն անգամ չդողաց տեղէն։

 

Քիչ-քիչ, ինչպէս կը պատահի կարգ մը հեքիաթներու մէջ, Նալպանտենց Սերոբին տրուեցաւ լիակատար թափանցումը պատահարին։ Այդ իւրացումի ընթացքին ան հաստատեց նաեւ իր զարմանքը։ Ինչպէ՜ս հարցումներով, հեւքերով չէր ընդմիջած այս ցնորական խոստովանութիւնը։ Ինչո՞ւ գլուխը հսկած էր դուռը շարունակ` սպասելով անկէ փրկարար հրաշքը` մայրը, որուն հուրքը, քաջալերը չէր պակսած իրեն, վտանգի բոլոր պահերուն, մինչեւ սա րոպէն։ Ու տունը տուն էր նորէն։ Ու կինը՝ կի՜ն։ Երբ լռեց [351] Աղուորը, սենեակին մէջ նոր բան մը խոշորցաւ։ Ի՞նչ։ Չէր գիտեր, բայց կը զգար։ Ձեռները ծունկին, աչքերը պատուհանէն դուրս՝ Նալպանտենց հարսը կը նմանէր մէկու մը, որ մնաս բարով կ՚ըսէ իրեններուն։

 

-- Ե՞տքը։

 

Այսպէս է, որ մտիկ կ՚ընեն գեղացիները հեքիաթը։ Հո՛ն՝ ուր պատմողը կանգ կ՚առնէ, պայմանադրական հարցումը ինքնաբերաբար կը ցցուի։ Այնքան իրաւ է, որ չենք հաւատար մեր դժբախտութեան, մինչեւ որ չնուաճուինք։ Հոս, Սերոբին բերնին մէջ հարցո՞ւմը։ Լեղի, ստորին հետաքրքրութի՞ւն (զոր սեռային հարցը կը ստեղծէ կիսախորհուրդ եւ գռեհիկ), թէ նշա՜նը փոթորիկին, հեռուներէն փրթող եւ առաջին հեւքերը առաքող։ Որձեւէ՛գ, հարցումը, ինչպէս եղած էր զայն արձակող բերանը։

 

Պատասխանի փոխարէն հարսը նայեցաւ առաջին համարձակ նայուածքը անոր երեսն ի վեր։ Յստակ ու իրա՛ւ, այդ հայեացքը։ Չենք հասկնար, որովհետեւ չենք ուզեր։ Անոր էրիկը կ՚ամչնար։ Ու դժուար, տանջող լռութիւն կար, հեռաւոր, ծովերու պէս բաց միջոցին մէջ, որ հազիւ երկու քայլով կը զատէր անոնց մարմինները։

 

Որքա՜ն ուզեց, որ անիկա ճարէ իր ալքերէն այն խանդը, կիրքը, ոճիրին կրակը, որ կը պատմուի երգերէն ու օղակէ սա պոռնիկը պուկէն, ինչպէս կ՚ընեն բոլոր էրիկները, երգի անցած կամ ոչ, ու սեղմէ մինչեւ որ չորնայ անոր հոգին ու սատկի։ Որքա՜ն ուզեց, որ ճշմարիտ էրիկմարդու մը նման, ինչպէս կը պատմէին միշտ գեղին տրամները, անիկա բռնէր սա գլուխը մազին հիւսքերէն ու հասուն դդումի մը նման ձգէր դանակի բերնին ու շերտ-շերտ, դիգա-դիգա [352] մանրէր անոր միսերը։ Մտապատկերները կու գային-կ՚երթային անոր ուղեղէն։ Բայց անոնց գործողութեան վերածումն է, որ կու տայ մարդերուն կշիռը։ Յետոյ եկան ուրիշ նկատումներ, խուլ ու ահաւոր վիրաւորանքը, որ կը հասնէր ծառայի կտորի մը բերնէն Նալպանտենց անունին։ Իրողութիւն էր, որ Նալպանտենց տղաքը, իրենց բոլոր անկումներուն մէջ, պահած էին իրենց կնիկներուն պատիւը անմերձենալի։ Տեսաւ զինք ծիծաղելի, եղկելի, գեղին մէջ մէկ փարայի։ Որուն խօսքը կոտրուած է մէջքէն։ Որ պարտաւոր է կուլ տալու նախատինքը կամ դանակ բարտելու։ Իր ճղճիմ հոգիին ցուրտը մշտապէս կը տարածուէր այս տեսարանումին վերեւ։ Զղջաց, չարաչար, խօսեցուցած ըլլալուն։ Կը խաղար, դժբախտ անկարողութեամբ մը, մեծ մատովը, վերմակի մէկ անկիւնակապին հետ, ճմռկելով լաթին սուր կտուցը, ականջի մը բլթակին նման։ Ուզեց փոխել տրամադրութեանց իր յատակը։ Միջոցներով այնքան առատ անոր միտքը չէր ազատեր աղտին այս սոսնձումէն։ Ինչո՞ւ լքեր էին զինքը իր սողոսկուն նրբացումները, փառաբանուած խելքն ու անոր ազդեցիկ ցուցմունքները, որոնք զինքը գերակշիռ կ՚ընծայէին ներքին միջակ վէճերու մէջ առնելիք-տալիքի, բաժինքի, իրաւախոհութեան ։ Անոր ուղեղը չէր գործեր այդ պահուն։

 

-- Դուն ինչո՞ւ ներս առիր։

 

Որքա՜ն լռութենէ ետք։ Դիւրին չէր ճշդելը։ Բայց ձայնն էր Սերոբէ էֆէնտիին, երբ կառավարական յանձնաժողովներու մէջ, յանցաւորները ոստիկանին յանձնելէ ետքը, անոնց կապուած վիճակէն ապահով, էֆէնտին իր խելքը կ՚արժեցնէր հաւաքուած ամբոխին։

 

-- Ինչո՞ւ չպոռացիր, կ՚ըսեմ քեզի։

 

Հարսը նայեցաւ շեշտ։ Այս հարցումներուն ամօթալից յիմարութեան տակ՝ ան կը տեսնէ՞ր իր էրիկին անսրբագրելի եղերական անկարութիւնը, խօթութիւնը, անդամալոյծ առնութիւնը։ Կախեց գլուխը, կուլ տալով թուքը, թերեւս ըսելիքը։ Թեթեւ, դժբախտ արհամարհանք մը, որ անոր երեսին տրտում արգահատանք մը կ՚ըլլար անցեալին մէջ ու կը մեղմէր էրկանը անկարող դառնութիւնը, իր միսերուն հրդեհին դէմ այդպէս պաղ, քրտնողող ու ջախջախուած, տարտղնեց անոր դիմագիծերը, ամօթին կալանքէն, ա՛նկէ՝ որ այդ խոստովանութեան մշուշոտ անդրադարձը կը թուէր ըլլալ։ Բայց իր մարմինը կարծրացաւ ու չարութեան աներեւոյթ հոսանք մը կ՚ողողէր զայն։ Էրիկը ոչինչ կը տեսնէր։

 

-- Ինչո՞ւ ներս առիր։

 

Բարձրացաւ ծունկերուն, յարձակումի պատրաստուող տղոց յոխորտութեամբը։ Իր հարցումը տաք էր։ Ու բարկութեան ջնարակ մը կ՚ընէր անոր բառերը խիստ ու գրգռիչ։

 

-- Չառնէի՞։

 

Բայց չար ու տաք էր անոր բերանը։ Ու ասիկա զգաց անոր էրիկը։ Նալպանտենց գառնո՜ւկ հարսը։ Ինչպէս վարժուած էին լսել անոր ականջները։ Չէր դիտած, թէ ինքն ալ ելեր էր ծունկերուն, կռիւը ընդունելու դիմաւոր դիրքով։ Անոնց աչքերը, դառնալով իրենց կոպիճներուն խորը, կը ջանային իրար սեւեռիլ։ Զիրենք բաժնող միջոցը երկու քայլ կը մնար նոյնը ` զիրենք բռնելով երկու անդունդներու վերեւ։

 

-- Չառնէի՞։

 

Կրկնեց։ Բայց անոր աչքը գտաւ այն խոր, անհնարին արհամարհանքը, որ կնոջ մը դէմքէն քիչ անգամ կը հաւաքուի։ Նալպանտենց Սերոբը ուրիշներու կինը եղած ատեն կը յիշէր միայն այդքան վերէն նախատուած ըլլալ, երբ կը թքնէին քիթին ու բերնին։ Սարսափեցաւ անիկա։ Մինչեւ սա՛ անկողինը [353] ՝ ինչ որ իր պատանութեան կեղը կազմեր էր։

 

-- Ո՞վ ես դուն։

 

Երրորդ յարձակողակա՛ն՝ որուն ուժը Նալպանտենց հարսը կը հանէր իր զրկանքէն, բայց որուն թաքուն իմաստէն անմասն էր անոր ուղեղը։ Էրիկ չտեսած կնոջ մը բերնէն այս նախատինքը զայն կործանեց բոլորովին։

 

Աղաներուն ու փաշաներուն դէմ լեզու չափող հաճի մօրը տղան, որ իր խօսքին ուժը եւ խելքին կշիռը տուեր էր այնքան անգամներ եւ գեղին մէջ ոչ ոքէ վար կը մնար սրամտութեան, բառով մարդ ծակելու, արիւնելու, սպաննելու արուեստին մէջ, ո՞ւր, ո՞ր ծակը պահեր էր այդ օձի լեզուն։ Մինա՞կ լուռ։ Խօսիլ չկրնալէն աւելի՝ ան կը չարչարուէր աւելի նուաստ խայթումներէ։ Մեր տկարութիւնները մեր արիւնին հետ հաշտութեան, ապրումի, հաւասարակշռութեան կերպ մը կը գտնեն վերջ ի վերջոյ։ Կը տանինք զանոնք այս ու այն ձեւով։ Բայց կը պատահի, որ նեղուինք, երբ հոգեկան հեղանիւթին մէջ անոնք այս ու այն պատճառով գերակշիռ դառնան։ Կու գայ պահը, երբ վատն իսկ կը զայրանայ վատութեան դէմ։ Երեւոյթը նոյնն էր Նալպանտենց Սերոբին համար։ Ներքին այս խթանումին տակ շեշտուեցաւ դալկութիւնը անոր իւղոտ երեսին։ Ռունգերը, բարակ ու գունատ, դողդղալ առին, նշա՜ն՝ անոր մէջ թանձրացող անձուկին։ Վախկոտներուն մօտ խղճալի օրէնք է այս ինքնազսպումը եւ անոր հետեւող շունչի անձուկը, ա՛ն՝ որ կատաղիներուն մօտ աղէտի կը վերածուի եւ մարդը կը ճաթեցնէ կռնակէն։ Կրաւորական այս գրգռութիւնը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ յարձակողական, վայրագ պոռթկումի։ Ո՞ր մութ ուժը մէկտեղեց անոր ձեռքերը, մատները պրկեց, լարեց, դրաւ ապտակի ձեւին եւ իջեցուց զանոնք, զոյգ՝ կնոջը դէմքին։ Աւելի ետքը, պատահարներու ստացած եղերական գնացքին ատեն՝ անիկա պիտի խորհէր յաճախ այս ձախաւեր արարքին, պիտի փնտռէր զսպանակ ու պիտի չգտնէր։ Խե՜ղճը։ Չէր գիտեր, թէ կը գործէր սեպհական անցեալին կշիռին տակ։ Ի՜նք՝ որ ոստիկաններու շրջապատին մէջ, թուրքերու ամենակար բարկութեան տակ, կառավարութեան դուռը, կը ծեծէր շղթայակապ հայ բանտարկեալները, հայհոյելով անոնց կնիկին ու աղջիկներուն։

 

Աղուորին համար անակնկալ, որքան խորապէս գարշագին այս արարքին լրիւ ծանրութիւնը չանցաւ Նալպանտենց հարսին, սպասելի արագութեամբ։ Ու ահա պատճառներ։ Գեղին կարգ մը թաղերուն մէջ, այդ օրերուն էրիկէն ծեծ ուտելը դեռ բարքերու մաս կը կազմէր։ Երբեք նուաստ, կարելի էր նոյնիսկ հպարտ բան տեսնել այն ճուոցին մէջ, որ կը բարձրանար օրուան որեւէ կէտին, տանիքներուն ներքեւէն։ Սուր ու երկարուն ճիչեր, կիներուն բերնէն, պաշտօնական ու պարզ, առանց նախատինքի։ Ու կը դողային թաղերը, փոքր ու իրար բացուած, այրերուն պոռչտուքովը, հայհոյութեանց պատկերուն, գեղեցիկ հեղեղովը։ Բայց արարողութիւնը ունէր համ ու վայելչութիւն։ Ծեծը սիրոյ եւ հեշտանքի արժէքաւոր, փնտռուած, անհրաժեշտ տուրք մըն էր մատուցուած հսկայակազմ, գեղանձն այրերէն, անոնց սիրտէն ու բռունցքներէն, որոնք ցերեկը ծեծ, բայց գիշերն ալ աշխարհք մը վայելք, համ, գինովութիւն գիտէին թափել իրենց կիներուն ծոցը, նոյն կիրքով ու նոյն գորովով։ Ասիկա ընդունուած գլուխներէն մէկը կը կազմէր այրերու սիրային օրինագիրքին։ Բայց…։ Ու Նալպանտենց հարսը աչքին պոչովը չափեց միսի այդ լխկած կոյտը, ու անոր անպարագիծ ամօթը, անկողինին մէջ, յամառ ու անզիջող, իր կինը համբուրել իսկ չկրցող մարդուկը, որուն մարմինը քրտինքի կարաս մըն էր կիրքի վայրկեաններուն։ Այրած, կռնծած՝ գրեթէ նիւթական տապէ մը ամօթին ու զզուանքին փայլակն էր ատիկա նետուեցաւ ոտքի։ Երկու րոպէներ կը բաժնէին զինքը հարուածէն, լուռ, կարմիր, խժուն րոպէներ։ Բացուեցան անոր շրթները, պոռթկալու համար սեռին ճուոցը, բայց լեզուն ոլորուեցաւ ինքն իր առանցքին վրայ։ Ու սպասելի աղմուկին տեղ, բերնէն թռաւ հսկայ թուք մը էրկանը երեսին, ու գրեթէ նոյն գիծէն երկու հզօր, ցաւցնող, կրակ բխող ապտակ հասցուց անիկա քիթին ու բերնին։ Ուրկէ՞ ճարած էր այսքան կորով, ատելագին սա հուրքը։ Այսքան ո՜ւժ։

 

Անոր էրիկը միայն հարուածին կորովէն զգաց իր տկարութիւնը։ Ուժգնութենէն աւելի՝ ան գրաւուած էր եղածին յանդգնութեամբը։ Շնորհալի, մինչեւ այդ օրը լեղի խօսքի իսկ անկարող այդ կնիկէն ինչպէ՞ս ու ինչո՞ւ այս լրբութիւնը։ Մտածումին հետ, նոյն գիծի ինկաւ, նոյն վայրկեանին, կանխող միւս լրբութիւնն ալ, որ անոր բառերուն մաղուածքէն կ՚ըլլար զգալի։ Ուրե՞մն։ Ու պարտաւորուեցաւ հաւատալ։ Խոստովանանքը սուտի վերածուած է ամէնէն առաջ տէրտէրներէն։ Պատկերը կայծակի պէս զարկաւ ուղեղին։ Ու անոր մէջ շղթայազերծ արձակուեցաւ գեղացի կենդանին, բայց գերի, դժբախտ գեղացին, որ շատ-շատ ինքզինքը կը խածնէ կամ կը սպաննէ, ուժը ուրիշին չհասնելուն։ Մշտապէս էգ ու խարդախ՝ անիկա զսպեց իր զայրոյթը, պատրուակով մը անցաւ կնոջը կռնակին ու մէկ շարժումով աջ ձեռքին փաթթեց մազերուն զոյգ հիւսքը, հաստ, առատ, դիմացկուն։ Ձախով սեղմեց ծոծրակէն այնքան ուժգին եւ իրա՛ւ որ մազ մնաց խեղդէր կնիկը։ Բայց անոր մատները, փոքր ու լոյծ ծնած, այդպէս ալ աճեր էին։ Կինը երկու ձեռքերով պրկեց ու փրցուց ծոծրակէն մատներուն այս թուլիկ աքցանը ու անուշադիր մազերուն ահաւոր ցաւին՝ գլխու ոլորքով մը երես երեսի եկաւ անոր հետ։ Այն ատեն մտան իրարու, ինչպէս կ՚ըսուի գեղին լեզուովը։ Երկար չէր կրնար տեւել այդ գօտեմարտը։ Բազուկի հզօր գալարում մը ծխնիի պէս դարձուց ինքն իր վրան Սերոբին դաստակը, որ լքեց մազերուն հիւսքը։ Նոյն այդ գալարումը հեռացուց անոր կարճ թեւերը ծիծերէն, որոնց կծիկին փորձած էին կառչիլ։ Նալպանտենց Աղուորը անհուն տխրութեամբ զգաց, թէ որքան օտար էին անոնք իրարու, դեռ այս կռիւէն առաջ, քանի որ անոր էրիկը մահուան հետ կը խաղար։ Այսպէս հեռացուած, Սերոբին մարմինը հաստ փորին եւ կարճ թեւերուն մատնութեամբը դադրեցաւ իր դերէն ու ջլատուեցաւ։ Անոր կինը, առողջ արիւնով կենդանի, չմաշուած, ու նոր-նոր ուժաւոր իր արգանդին խորքերէն, յետին ճիգով մը տապալեց գետին, մեծաշռինդ ու ամբողջ, արիւնէն իսկ ջուրոտ ու կտրուած, առնութեան ջիղէն տարագիր ու մալուած այդ մսացու կենդանին։ Փռուած էր կռնակին վրայ, «կնիկի մը պէս», ինչպէս կը հեգնէ գեղացին [354] կրկէսին վրայ տախտապարակ պարտուած ըմբիշներ, որոնք հող կը դառնան պահ մը, ոտքերնին շարժել իսկ ամչնալով։ Այրը ա՛լ չի մօտենար զգետնուածին, բայց Աղուորը վախցած արդիւնքին իսկ մեծութենէն, դիմաւորեց նստիլ փորձող Սերոբը։ «Պլոր-պլոր», ինչպէս կը նկարէ գօտեմարտութեան ոճը, անոնք դարձան տակաւին քանի մը հեղ, մինչեւ որ շարժումներուն արագութեան տակ սպառեցաւ Սերոբին շունչը բոլորովին։ Ճաթելու մօտիկ էր։ Լքեց ինքզինքը, ձեռքերովը պաշտպանելով գլուխը, գուցէ աչքերը, չտեսնելու համար կնիկը, ամօթէն աւելի վատ բանէ մը «ջուր կտրած»։ Դասական գուպարը, այր ու կնոջ, բայց շրջուա՜ծ։ Արցունքն ու ճիչը կ՚ուշանային պատկերին բերելու համար վաւերական կնիքը որբին, գլխէն զարնուածին։ Վասնզի արիւնն է, որ մեզ որբ կ՚ընէ։ Անոր վրայ խուժեցին՝ իր գերդաստանը, արիւնը այդպէս անզօր ընող խուլ ու հին շշուկները իր հօրը գարշելի ուրուականը, զոր շինած էին մօրը անէծքները, Նալպանտենց հասցէին փսփսացուած աղտերը, իր իսկ մանկութեան ազազուն ծուէնները։ Տղայ մը ժառանգը չէ մինակ իր պապերուն արիւնին։ Ան կ՚ըլլայ նաեւ պահարանը անոնց ուրուներուն։ Անոր կինը վերցուցած էր արդէն ոտքը անոր գլուխէն։ Կը զգածուէ՞ր սա փքոցի պէս հեւացող մարմինին պատկերած կործանումէն։ Տեսաւ յանկարծ, որ չունէր ընելիք։ Ինչպէ[՞]ս [355] ներկայացաւ փայլակ մը, որոտումի մօտ բան մը։ Բայց կռիւին ջերմութիւնը կ՚արգիլէր, որ հաստնար անոր ոստայնը մտքին դաշտերուն։ Քաշուեցաւ դէպի բազմոց, բայց չկրցաւ նստիլ։ Օձեր խայթեցին իր միսերը։ Աչքին եկած էր ինքը պառկած հոդ երէկ գիշեր, Սողոմին ծոցը։ Զարմացաւ, որ ցաւեր սկսէին իր միսերէն։ Ու ամօթ կար խորը իր միսերուն, բարքերու եւ ընկերութեան նժարէն բաշխուածը ոչ անշուշտ։ Ամօթ՝ իր իսկ անձէն, իր խեղճութենէն, դեռ իր հոս մնալէն։ Կ՚ելեւէջէր կուրծքը, շատցած, ամէն ատենէ աւելի, ցից իր ծիծերուն համար նեղ գտնելով շապիկը, հերկուած կսկծագին յուզումներէ, կայծակուած խորունկ, հեռաւոր կիրքերէ։ Այս առատութիւնը, անգայտ պղպջակումը իր մարմինին ամէնէն անայց մասին վրայ (անոր էրիկը կը պժգար իր ծիծերէն։ Սողոմին բերանին մէջ անոնք վառուած կրակի պէս գալարեր էին զինքը), անիկա գտաւ մութ, խորհրդաւոր։ Չձեւուեցաւ մտածումը, բայց դպաւ ու անցաւ անոր ուրուաստուերը։ Մա՞յրն էր, որ ըրած [356] էր իր մէջ, իրմով՝ այս տաժանագին կռիւը։ Իրաւն ու նորը ան էր, որ կը կոտտային անոր ծիծերը, շատ վարերէ, ճմլուած անտես շրթներու վրայ, շատ տարբեր այն զգայութիւններէն, [որոնք] [357] կը կապուէին իր ճանչցած երկու մարդոց ձեռնումին։ Չխորհեցաւ շունչին, որ հանդարտ էր հիմա, արագ ու կտրատ ըլլալէ ետքը։ Բայց չէր կրնար ազատել ինքզինքը այն անսովոր մզմզանքէն, որ հոգին թել-թել դէպի պտուկները կը հաւաքէր։ Ու ջերմին ու կսկծագին էր բաբախումը, որ կը կլորնար դէպի անոնց ծայրերը, կոճակներու պէս, որոնց մէջ մէկը կենար։ Յետոյ, արագ-արագ, փախչելու համար իր ամօթէն՝ ան փնտռեց իր մարմինին ուրիշ մասերը։ Ու գտաւ, որ պղտոր, բայց այրուցքի պէս ճենճերուն ու հոտաւոր զարկեր կը պտտէին, առանձին կամ խումբով։ Մեր մարմինը շատ բան կը մոռնայ արդի բարքերէն։ Բայց չի կրնար մոռնալ ինչ որ հին բնազդներուն արձագանգն է մեր մէջ։ Զայն չենք ճանչնար, այնքան փոխուած է անիկա։ «Պլոր-պլոր»ը, զոր ժողովուրդը կը վերապահէ գօտեմարտութեան հանդէսներու, ով գիտէ ի՛նչ ահաւոր առհաւութեանց մոխիր մըն է, մնացորդ մը։ Մենք կը մոռնանք, որ ամէն յաղթանակ անպայման սեռային յաղթանակ մըն է։ Պատերազմները դեռ մինչեւ այսօր ենթակայ են այդ առհաւութեան։ Ուրիշը գետին զարնող մը ով գիտէ քանի՜ հազար տարիներու գիծով տէրն է զարնուողին, ամէնէն առաջ անոր կիներուն։ Քաղաք մը գրաւող զօրապետը աչք կը գոցէ իր զինուորներուն, ինչպէս իր գիշերին համար կ՚ապահովէ իր վայելքը։ Ճիշդ է օրէնքը անհատին, ինչպէս ժողովուրդներուն համար։ Մարմինը դուրս կու գայ գուպարէն, կրկնելով գուցէ դարաւոր տեսարանը, զոր մեր նախահայրերը տուած են ամէն անգամ, որ էգին տիրացումին համար փողոտած են զիրար։ Նալպանտենց Աղուորը կ՚անգիտանար անշուշտ այս օրէնքները։ Բայց չկրցաւ չտեղաւորել մազերուն հիւսքը, հայելիէն դարձած իրեն։ Ինչո՞ւ նայած էր անոր։ Անիկա չճանչցաւ դարձեալ իր միսին հսկայ մատը, որ կը շարժէր իր մէջէն եւ հայլիին վրայ գոլ էր ու տարագին հեշտութիւն։ Տակնուվրայ էր անոր նայուածքը, ուժգնութեամբ, արիւնով մը, որ պարզ չէին անոր ուղեղին։ Գեղեցի՞կ։ Այսինքն՝ դասական դաշնակութի՞ւնը զգեստին ու միսին։ Նայուածքին եւ շրթներու հոսումին։ Այսինքն՝ երբ կինը սառած է ու պուպրիկ, դուրս սեռէն, օտարին աչքին փռուած պատկեր։ Չէր, չէր ատոնք Նալպանտենց հարսը։ Տգե՞ղ։ Բառը աւելի հարազատ է, քան նախորդ առումը։ Անիկա կը նմանէր միսէ պարկի մը, զոր կիրքին մէջ թաթխած ըլլան։ Վասնզի գեղեցկութիւնը պատրաստութիւն մըն է, ի հաշիւ եւ ի խնդիր կիրքին, որուն մէջ կ՚ոստայնանայ էակին ու լինելութեան հսկող, զանոնք կուրօրէն վարող հսկայ տարտղնումը, սերմին բզկտումէն գոյանալիք խտութիւնը։ Այս հաշիւները դուրս են մեր հասողութենէն։ Բայց կը վարեն մեր քայլերը։ Աղուոր մարմինը ունի միշտ իր պատրաստութիւնը, որ ներքին է եւ ոչ մատչելի։ Ունի նաեւ իր մոխիրը։ Փորձեցէք աղուոր, այսինքն՝ նոյնը գտնել կինը, զոր ունեցած էք վայրկեան մը առաջ։ Պիտի ընդվզիք առնուազն՝ եթէ պիտի չպժգաք դուք ձեզմէ։ Ու գեղեցի՜կ է դէպի ծոց վազող նոյնիսկ սատանան։ Մի զարմանաք, երբ արուն դանակ կը քաշէ ձեւի մը համար …։ Զարմանքով ու քաղցրութեամբ նայեցաւ շրթներուն, որոնք դալուկ էին եւ դողոտ։ Աչքին զարկաւ, օտար լոյսով, կլոր ու սիրուն դէմքը, ուր կը վերադառնար արիւնը աստղանալու, պիսակ-պիսակ, դալկօրէն կարմիր կէտերով, ոստայնացմամբ մը։ Յետոյ տեղաւորեց պլուզը, ոսկիները։ Ո՞վ թելադրեց, անորոշ խորութիւններէ, սա յարդարանքը։ Բայց դարձած, հակառակ իր մտադրումին, պատուհան, վերցուցած վարագոյրը, փնտռելու համար, Սողոմին խուցին տանիքին՝ զոյգ կատուները, ամէն առտուան պայմանաւոր սուզումը, գիշերէն ետքը։ Ինչո՞ւ տրտմեցաւ կատուներու պակասէն։ Ու ինչո՞ւ վիրաւորուեցաւ իր ամօթխածութիւնը։ Սերոբը ընկղմած իր կործանումին մէջ, գլուխը պատսպարած քովնտի։ Ի՜նչ թշուառ, զզուելի, ողորմելի էր այդ մարդուկը հոդ, այդ պահուն։ Նալպանտենց հարսը անցաւ անոր քովէն։ Երիտասարդ կինը չէր գիտեր, թէ իրեն հետ այդ րոպէին, այս սենեակէն դուրս կ՚ելլէր հինգ տարիներու ամրափակ տրամը։ Ու իր այս ընդվզումին նուէ՞րը։ Իրեն փոխադրուած էր, վերադարձուած էր իր կորովին, ասոր կարելիութեանց ամբողջ մթերքը։

 

Ո՞ւր կ՚երթար։ Չէր [358] գիտեր։ Բայց գիտէր յստակ, թէ ո՛ւր պիտի երթար։ Տարիներով անոր մտքին մէջ ամբառնալ ձգտող ու միշտ ալ քունի դրուող հեռանկարը մօտեցած էր մէկէն։ Պայծառ ջահ մը կը լուսաւորէր հիմա տունը անոր հոգիին։ Ծփուն ու քիչ ու բեկոր բաներ պատասխանեցին անոր կոչին։ Ու ան նպաստ գտաւ քանի մը կցկտուր դէպքերէ, որոնք վերջին տարիներու նորութիւն էին ու հասած իրեն, զարտուղի ճամբաներէ, հարսներու վրայով։ Էրիկէն զատուիլ մը, թէեւ հազուադէպ, լուսնէն ինկած քարի մը պէս, բայց գոյութիւն ունէր։ Ու բաժնուած ապրողներու թիւը աւելի էր Աղուորին մատներէն։ Գինովութիւն, բայց անկանգնելի երակէն, բոզութիւն, տուն աւրող տեսակէն, ոճիր ու ասպատակութիւն, որոնք այրերը կը հալածեն տանիքին պաշտպանութենէն, հզօր զսպանակներ ասոնք, որոնք կատարուածը հասկնալի կ՚ընեն։ Ի՞րը։ Բանա՞ր պիտի գայթակղութեան ոսկեզօծ կարասը, որ Նալպանտենց տուն անունը կը կրէր։ Ներքինի Սերո՞բը։ Յանկարծ գտաւ, որ անոր ետին ուրիշ մը կը ցցուէր։ Ու այդ ուրիշը դուրսէն դրուած, խախուտ պատկեր մըն ալ չէր, վասնզի կը բռնանար, ու ընթացիկ ու կեղծաւոր վասնզի շատ պզտիկուց սորվըւած պարկեշտութեան ըմբռնումները կը ձգէր իր ճնշումին տակ։ Իր քսան տարիներու առատ, բայց անարդիւն կեանքին, մա՛նաւանդ իր անկողինին մէջ այդ ուրիշին այս ձեւով մուտքը հիմա էր, որ կը ստանար իր լրիւ իմաստը։ Տաք ու գաղտնի տագնապ մըն էր այդ զգացումը հիմա իր խորը, տարօրէն լայն, ամբողջ ու լեցնող իր բոլոր մասերը։ Զայն ունէր իր մարմինին ամէն ծուէններուն մէջ։ Ե՞րբ, ինչպէ՞ս լեցուած էր իր մէջ այդ տղան, այսքան ընդարձակ փաղաղումով մը, պատռելով իր ներսէն վարագոյրներ ու անմատոյց դուռներ, լոյսին կանչելով դեռ կոյս գաւառներ։ Նայեցաւ, որ դուրսն էր։ Ու անոր ջերմին ստուերը, գոլը կը քալէր առջեւէն։ Ու դառնացաւ ինք իր դէմ, ի՜նք՝ որ [359] ըրածին մէջ կ՚ուզէր առաջին գիծի բերել էրիկէն գարշանքը։ Ի՜նք՝ որ էրիկէն փախչելու հաւատքով դուրս էր դրեր ոտքը հարսի սենեակէն։ Կոտրուած, վարանոտ՝ ան հաստատեց, ստիպուեցաւ հաստատել մռայլ այն ձգողութիւնը, որ կը քաշէր զինքը սա գունաւոր, խոնաւ, կսկծուն ստուերին։ Պիտի ելլէ՞ր ամբողջութեամբ դուրս տուներուն բանտէն ու կեղծիքէն։ Պիտի կոխէ՞ր ոտքը այն մարզերուն, ուր հեքիաթն ու արիւնը կ՚իշխեն։ Ո՛ւր՝ տղաքը։ Ո՛ւր՝ հարսները իրաւ ու խենթ։ Ո՛ւր՝ երբեմն նստած, հանգչած մարդերը։ Նոյնիսկ՝ ճերմակած ճակատները։ Ու անո՜նք՝ որոնք գրուեցան [360] այս հոսումին, պարպումին, մեր ձեւերուն ու պայմաններուն ուռկանէն դուրս։ Մղումին տակ, որ կը նետէ մեզ մեր փականքներէն ու նիգերէն։ Ու կը ղրկէ կրակին ու մահուան։ Հաշուեցէք ինչ որ կը զոհուի այդ աստուածութեան, օրուան մը ընթացքին միայն, աշխարհի ամէն անկիւնները։ Ու կը համոզուիք, թէ կայ անիկա, ինչպէս կայ մահը, ինչպէս արցունքը։ Աղուո՛րը։ Անիկա մատին ծայրովը դեռ կը դպէր կախարդուած ծորակին։ Ի՛նչ սարսռագին կարօտով, անձուկով ան փնտռեց, ուզեց հիմա անոր թեւը, շունչը, պարը անոր մարմինին ու ասոր սրտառուչ խորշերը, ուր նետուէր, աչքերը խուփ, բայց իր միսերէն հեղուկցած [361] ու ալիք-ալիք թրթռալով։ Երա՞զ էր ասիկա։…. Լոյսը կը նեղէր զինքը։

 

Տան ճակատը, հիւսիսէն կը նայէր գեղակերտ բլուրի մը` զատուող շուրջիններէն նորատունկ անտառի մը շուրջառովը։ Քանի՜ հարիւր առտուներ, գործերէն առաջ կամ վերջը, ան կեցած էր հոդ` գլուխը ամբողջ դուրս պատուհանէն (կը յիշէր հիմա յստակ), կրակուած ու տխուր իր երեսները տալու համար անկէ հոսող խաղաղ այն բանին, որ զգայութիւնը կը կրկնէ, փոխանորդելով, մարդերէն մեզի զլացուածին։ Ինչպէս զատ-զատ կը յապաղէր հիմա ան առտուներուն, որոնք կոծուած ու դժբախտ գիշեր մը կը փակէին։ Յիշեց կրկին, որ անցնող շաբթուան մէջ չէր եղած հոն։ Կարօ՞տ։ Ինչո՞ւ հեղ մըն ալ սուզուեցաւ, հեշտ ու նորակերպ՝ կանանչ այդ ալիքին մէջ, որ բլուրին ոտքերուն կը տժգունէր` մշակելի հողերուն խլեակներովը վիրաւոր։ Ինչպէ՜ս կը բաղադրուի ու կը կարծրանայ, դէմք ըլլալու համար, մեր հոգիին ոստայնը, տուներուն այս ու այն կողմերուն, կտորներուն [362] հետ։ Այդ խոնարհող երեսը [363] բլուրին կը տպաւորէր ինչպէս խոշոր ափ մը, որ գգուալից սահէր անոր հոգիին երեսէն։

 

Իջաւ` ուշացրիւ եւ ինքնակորոյս։ Չմտաւ կեսրոջը սենեակը։ Այդ հոգեկան անկիւնէն ատելի էր հաճի Աննան նոյնքան, որքան տղան։ Բայց նոր էր, որ տեսաւ, թէ հինգ տարիներու ընթացքին ան միայն ու միայն ատած էր լպրծուն պառաւը ինչ որ իր էրիկին վրայ կը սառէր անոր հոգիէն։ Այս խելամտումը զինքը առաջնորդեց ուրիշ գիւտի , հակառակ մեղր ու շաքար իր լեզուին, անոր կեսուրը ուրիշ բան չէր՝ եթէ ոչ ատելութեան գնայուն կարաս մը, զոր մինչեւ պուկը լեցուցեր էին երիտասարդութեան ու, մա՛նաւանդ՝ անդրանիկ հասունութեան զրկանաւոր տարիները։ Ան ապրեր էր փակ՝ աշխարհին կարելի համերուն դէմ։ Իր սառած գիշերնե՞րն էր, որ կը հանէր ու կը դիզէր պառաւին քամակին, զայն այդպէս, իր կաղապարովը շինելով հեռու այդ անցեալին ծոցը։ Ցնցուեցաւ՝ ինչպէս փուշի, կարիճի մը խածուածքէն, երբ լսեց պառաւին կանչը, որ ճանչցեր էր անոր ոտնաձայնը սանդուխներուն վրայէն։ Աճապարեց իջնել բակ։ Լեղի ու կանանչ էր անոր նայուածքը։ Բայց անոր մորթին վրայ նոր բաներ արթնցան։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ սկսող առտուան մէջ մեղքը, մարդերուն մեղքը կը ձգուէր հսկայ սարդոստայնի մը նման տունէ տուն։ Բակէն մինչեւ խուցը Սողոմին միջոցը կը թուէր աւելի պաղ։ Ինչո՞ւ վարանեցաւ ձեռք երկարելու պարտէզի դուռին քառակուսիի մօտ տախտակ մը , դրուած հոդ իր ոտքերուն վրայ։ Բայց սա պահուն այնքան նման միւսին, անո՛ր՝ զոր կը պահէին ախոռին անկիւնը, մեռել լուալու եղերական սպասին միայն լոյսին բերելով։ Տուներ կան, որոնք ընտանութիւն ունին մահուան հետ։ Ամէն դուռէ մեռել կ՚ելլէ, բայց այդ միւսներուն համար սենեակները կը միջամտեն նոյնիսկ ստեղծելու համար մութ զգացումը։ Տարիներով մեռելի չբացուած այդ տունը ինչո՞ւ հիմա կը ներկայացնէր Աղուորին մտքին միւս պատկերները, ա՛յն տուները, որոնք չարագուշակ բանով մը կը նսեմանան, որոնց դուռին կ՚ուղղուի [364] քանի մը տարին հեղ մը մեռելներու ճաղը։ Մարմին եղան զոյգ ճաղերը, իրարմէ թիզով տարբեր հասակով, մոմոտ, այրած կողերով, որոնց մէջ պառկեր են հազարները ու պիտի պառկին…։ Շտապեց ու դարձաւ կրունկին։ Խուժեցին վրան հաւերն ու ճուտերը, իրաւ, սիրուած էակներու իրենց շփացած ընտանութեամբը։ Նեղուեցաւ աքաղաղէն, որ միշտ վիզը բարձր, կը հսկէր, ու չէր աճապարեր, ինչպէս միշտ։ Գրգռուած ոտքովը հրեց բոլորը մէկդի, որոնք պահ մը ընկրկուն, շուտով վերակազմեցին իրենց ցրուած սիւնակը, ինկան անոր քայլերուն ուղղութեան։ Կեցաւ փոքր պատին, ցած, հաստատ, կանգուն, որ տունին ատելի մասը կը մնար ծառաներուն խուցը, ախոռը բաժնելով մայր մարմինէն։ Այս պահուն այդ կտորը երկու աշխարհներու մէջտեղ, կը պատկերէր Նալպանտենց Սերոբին ամբողջ պժգանքը։ Չբարկացաւ սակայն։ Սիրտը արագ էր ու զգաց, որ խուցին տղան դպեր էր կրկին իր միսերուն։ Ինչո՞ւ կը փնտռենք զայն, որուն ո՛ւր ըլլալը այնքան ծանօթ է մեզի։ Ինչո՞ւ կը փնտռենք նոյնիսկ մեռելը։ Անոր աչքերը կը տեսնէին շատ բաներ, բոլորովին նորի պէս, որոնց անդրադարձած չէր անիկա, հակառակ տարիներով ապրելնուն [365] կոտրած սափորի մը կոնքը, որ ամէն գարնան ծաղիկի մը սերմերը կ՚ընդունէր ու կը կանչընար, աշնան մեռնելու համար. թիթեղի կէսեր ուր [366] ռահանն ու շահպրակը տրտմախառն քաղցրութիւններ կ՚ընդխառնեն սեւ ու ճերմակ յուշերու։ Դպաւ ռահանի մը գլուխին ու անուշ բան մը ծաւալեցաւ անոր չորս դիէն ու յիշեցուց իրեն պատկերը բաղնիքէն դարձող իր մարմինին, մութէն առնուած, շաղոտ ու կոյս, մասնաւոր հոտով մը, որ կը ծխար [367] իր շապիկին անկիւններէն։ Դպաւ երկրորդին, ան ալ ռահան մը ու անմիջապէս իր մտքին մէջ փռուեցաւ գիշեր մը վեց օր առաջուան թեւին վրայ այդ բոյրին, պատուհանի մը բաց ապակիէն, [368] ու այդ գիշերը ուրիշ բան չէր՝ եթէ ոչ Սողոմին հոտը, տարօրէն խառնուած իրին [369] ։ Յուզուեցաւ, վախնալու չափ իյնալէ։ Բայց ստիպուած, ամօթով, հեշտութեամբ աչքը սահեցուց պատին վրայէն ու գտաւ մռայլ խուցը, որմէ տեսանելի էին դուռին վերի ճակատը, տանիքը, զոյգ կատուներու ընտանի յուշատախտակովը։ Բախտորոշ վայրկեանէն առաջ մեր զգայարանքներու այս չէզոք հոսումները ով գիտէ ի՛նչ անծանօթ օրէնքներու կը հպատակին։ Բայց ոչ մէկ րոպէ անոր միտքը կրցաւ պարպուիլ մռայլ այն բանէն, որ զինքը այդպէս թրթռուն ու անկայուն կ՚ընէր։ Պատուհան մը փակուեցաւ, կոտրած ճռինչով մը։ Չվերցուց գլուխը` չտեսնելու համար Սերոբը, որուն մատները տուած էին այդ խեղճ ճռռոցը։ Իր ոտքերը կը վարանէին, բայց անոնց թաքուն ուղղութիւնը ով գիտէ քանի՜ օրերէ ի վեր լարուած էր դէպի մեծ դուռը…։ Ահա այն սեմին առջեւ, ուր իր մարմինը, տարիներով, թուխս հաւու մը նման սպասեց ու սպասեց չեկող հարուածին։ Հանդիսաւոր, վճռական, յիմար՝ բացաւ հսկայ դուռը, որուն այդ ճռինչը տարօրինակ ու եղերական զուգադիպութեամբ մը յիշեցուց իրեն հարսի իր անդրանիկ զգայութիւնը էրկանը տունէն։ Ձեռքերը չէին դողար ու կը զարմանար իր ամրութենէն աւելի կարծրութեան, կարծրասրտութեան վրայ։ Նալպանտենց հարսէն այս խստութի՜ւնը։ Գալի՞քը։ Բայց անկէ առաջ անցեալը մանաւանդ, որ չեկած, չգացած [370] ՝ ըլլալուն հետ տարագրուած, կը փաթթուէր մատերուն, կը ցաւցնէր գրեթէ ու կը թռէր։ Կ՚ըլլայ ասիկա, երբ պատահարի մը հաշուըւած ծալքերուն հետ չէ մեր գործը։ Մինչեւ բակ իջնելը՝ անիկա չէր տեսած մտքէն ինչ որ կ՚ընէր սա պահուն։ Բայց ո՜վ չափեր է այն ծովը, որ մեր միտքը կը կոչուի։ Որուն հորիզոնները այնքան առաձիգ ու փորը այնքան խորը, կը հեգնեն բոլոր խուզարկուները եւ բոլոր իմաստուններուն կողմնացոյցները։ Ո՜վ չափեր է մա՛նաւանդ յատակը այդ ջուրերուն, ուրկէ կը փրթի որոշումի, վճիռի ամէն ընձիւղ ու այնքան կը տառապի` մակերեսին հասնելու համար։ Զարկաւ ամուր, գրեթէ գրգռիչ ուժգնութեամբ փեղկը փեղկին։ Դուռը գոցուեցաւ վրան։ Տաք էր անոր ձայնը, ծանր, երկաթ։ Դէմի տունէն կին մը, ժպտուն ու բարի, ջուր կու տար ծաղիկի մը, պատուհանին փակած թաղարէ մը։ Չխօսեցաւ ամէն առտուան պէս։ Խօսքը երկկողմանի բխում ունի յաճախ։ Կենդանիներ, հաւ ու ձագեր։ Փողոցն ի վար մարդերը, բոլոր գոյնէ, ու թերեւս՝ բոլոր սրտէ, այդպէս հագած մէյ-մէկ կոճղ միսի ու դարձած հրէշ։ Փողոցն ի վար՝ բոլոր հոգիները, իրենց ծիածանովը, անդունդովը, գէսերը նետուած խառն ի խուռն, իրարմէ փախչելով կամ իրարու վազելով։ Ու կեանքը, այսինքն՝ ինչ որ այդ սիրտերը ու հոգիները կը ծորեն իրենցմէ, անգայտ, բայց տեսանելի, աչքէ ու ճակատէ։ Բայց՝ հզօ՛ր, բայց՝ հարթո՛ղ, որուն մամուլը մասնաւոր ախորժով կը ճմլէ երիտասարդ օրերը։ Անոր ծունկերը եղան վարանող, կթոտ, խեղճ։ Ո՞ւր կ՚երթար։ Դէմէն մշուշի նման սեւութիւն մը վարագուրեց աչքերուն հորիզոնը։ Ճակատագրին մատը այդ ամպին ծոցէն փորձեց ետ դարձնել անոր գլուխը դէպի տուն, ոսկեզօծ ու խաղաղ վանդակը, գեղին գերագոյն փառքը, ոսկին ու պատիւը։ Անոր ականջին դպան ու անցան վարժութիւններ [371], հեծքեր ու անծանօթ նուագէն, գալիքին եղերական երգէն ծուէններ։ Բայց չկրցան կեցնել զինքը։ Դեռ Նալպանտենց Սերոբէն պաղ մը, ոսկորներուն իբր հոսումը կը հասնէր իր ծոծրակին։ Տեսաւ, որ կը քալէր։ Ու կը քալէր հետզհետէ աւելի թեթեւ։ Նալպանտենց տունը կը նուազէր իր կշիռէն ու իմաստէն, քանի անոր քայլերը առնէին միջոցը դէպի բաց։ Յանկարծ հարցուց.

 

-- Ի՞նչ կայ ատ տունին մէջ։

 

Յետոյ, ուրիշ անկիւնէ մը ուրիշ շրթունքներ փսփսացին անոր հաշւոյն.

 

-- Ինչո՞ւս է պէտք քիրմանի շալը, ալն ու ադլասը…

 

Ճիշդ ինչպէս լսեր էր իր ճամբէն գացող ուրիշ կնիկի մը պատմութենէն։

 

Ան կ՚երթար, կը դառնար մօրը տունը։

 

 

Գ

 

Օրը, որ սկսած էր, արժանաւոր, նոյնիսկ քիչ մը աւելի խռովայոյզ ու դաժան շարունակութիւնը ըլլար պիտի գիշերին։ Կեա՞նքը։ Հարցուցած ունի՞ք սակայն, թէ ի՞նչ է, որ զայն կ՚ընէ այդպէս անհասանելի մանկամարդ կնոջ մը մարմինին, երբ բռնկած է անիկա արգանդէն։ Թող իմաստունները խորհին ու գտնեն ու բացատրեն միօրինակ ու անըմբռնելի սա շարանը՝ տեւողութեան չափուած կտորներու, օրին ու գիշերին գրիւովը կամ կանգունովը, որոնցմով դատապարտուած ենք լեցնելու, ապրելու մեր շրջանին համար մեզի տրամադրուած, գրուած տակառը ժամանակին։ Կը թափի ժամանակին գոլը, մուխը, երբեմն լեղի աւազը ծոցը այդ տակառին։ Ու ոչ ոք գիտէ, թէ ի՜նչ մոխիր ու մրուր, ինչքա՜ն արցունք ինկած են անոր խորը։ Երբեմն պատահարին շերեփը կը յուզէ զայն տակէն ` մրուրները թռցնելով դէպի երեսը ու տակառին ամբողջ մարմինը ընելով աղտ ու լեղի։ Դրէք տակառին տակը ժամացոյց մըն ալ, խղճմտանքը։ Ու ձգեցէք, որ չափուին մրուրն ու գիտակցութիւնը։ Ներսէն թէ դուրսէն (վասնզի շերեփը յաճախ իրողութեանց ակռաներէն կախուած գործիք մըն է) կարեւորը հոն երկարող թաթն է անծանօթին, որ կրնայ ձեւ փոխել, բայց երբեք արդիւնք։ Կտրել այդ ժամացոյցէն արիւնոտ փշրանքներ.

 

ա) Զաւկի մահ, մատաղն ու անփոխարինելին։

 

բ) Էրիկի մահ, որ մանկամարդ կինը կը զգետնէ եւ յետոյ զայն կը հանէ, կը նետէ, անպէտ տաշեղի պէս, կեանքի լուսանցքին։

 

գ) Արտ ու այգիի, կով ու գոմշու եւ տան ուրիշ համակարգ կենդանիներու կորուստ, որ կը լացնէ գեղացին մարդկային էակի մը նման։

 

դ) Ոճիր՝ ուր հոգեկան տգեղութեան չափ մարմինին պարտութիւնը կը տիրապետէ։

 

ե) Սպանութիւն։

 

զ) Մարդկային տարրական սրբութեանց դէմ հասցուած հարուածներ, որոնք բոլորն ալ կը վերածուին ուժ[եղ]ին [372] ու տկարին յաւիտենական հարցին։

 

է) Բոզութիւն ու պտուկէն ծակուիլ, մայրերը մոխիրի պէս փխրուն ընող պատահարներ։

 

ը) Տաճկընալ ու մեռնիլ հոգեպէս։

 

Այս բոլոր ցաւերը, կարճ, երկար, միշտ անողոք, գրուա՜ծ, որպէսզի անցնին անոնց կորզանէն [373] մեծ մասը մարդոց որդիներուն, այս բոլորը տժգոյն, նիհար բաներու կը վերածուին երբեմն, երբ մարդ կը ստիպուի երկանաքարը դարձնել իր խղճմտանքին եւ աղա՜լ իր մեղքերը։ Նրբացած ու մշակոյթէ անցած մտքերու մէջ ահաւոր են այս տագնապները։ Ու մտքերնուդ մի անցընէք նոյն ատեն խնայել այս լլկանքը՝ գեղին։ Ամէն տեղ, երանգի տարբերութիւններով, ճակատագիրը կարգադրած է այնպէս՝ որ այդ բոլոր կրակները վառին նաեւ այն սրտերուն [374] մէջ, ուր տարիներով արցունք չի շինուիր, ու կեանքին կտաւը կը ծալուի ու առանց խոշոր բզկտումի կը դրուի ժամանակին պահոցը կամ, գեղին բառով՝ առէքը։ Օրը այսպէս կը սկսէր Նալպանտենց հաճի Աննային համար։

 

Ան շուտով տեղի տուաւ յոյսի տրամադրութենէն, որ բացուող առտուն կ՚արթնցնէ հիւանդներէն ներս։ Այս ընկրկումին զուգահեռ աւելցաւ ճնշումը թաւալած գիշերին։ Ու անոր աչքերը խաւարեցան սարսռագին կարելիութեանց խորը։ Աստուծմէ ղրկուած բարիքներ չէի՞ն [375] զոյգ հիւանդութիւնները, որոնք պահ մը չէզոքացուցին այրերուն բախումը ու խուլ, կակուղ գօտի մը նետեցին պատահարներու ժանիքին եւ անիւներուն։ Աստուած պիտի թողո՞ւր կէս ճամբան գործը, որ սկսած էր։ Անշուշտ չըրաւ վերաքաղը դէպքերու, որոնք դեռ չէին գտած իրենց մասնակի դիմագիծը եւ հեռուէն դիտուած պատկերի մը նման կը հալէին իրենց խորքին վրայ։ Բայց կը վարանէր հաւատալ, թէ եկած ու անցած էր այդ հեղեղը իր տունին վրայէն։ Յետոյ մասնաւորուեցաւ ինքն իր մէջ, խորունկ կսկիծ էր իրեն, հարսին տունէն մեկնումը, առանց հեղ մը այցի գալու։ Ու տակաւին կ՚անգիտանար անիկա բախումը այր եւ կնոջ։

 

Դուռին փակուելէն քանի մը վայրկեան ետքը, սենեակ մտնողը եղաւ իր տղան։ Չէր հագուած։ Գէշ նշան՝ պառաւին համար։ Դեղնած, բարկաճայթ, կարծես ստացած խարանէն տակաւին այրելով՝ ան մօտեցեր էր անկողինին, քաշեր բռնի, մօրը թեւէն, լիրբ ու ամուր եւ նստեցուցեր։ Հոգէառի մը պէս, որ չունենար սակայն ինքնաբուխ ուժ ու կրակ։ Ըլլար վախկոտ եւ վստահող՝ զրահանքին։ Մայրը անզօր էր դիմանալու, մա՛նաւանդ ձախ թեւէն, որ աւելորդ փայտի կտորի մը պէս դրուած կը թուէր ուսին, բայց կը ցաւցնէր իր ծանրութեամբը։ Իրարու դէմ կու գային մայրն ու տղան, շրջուած դերերով։ Փակե՞լ մեղքին հաշիւը, թէ նոր էջ բանալ։ Երկուքն ալ չէին գիտեր։

 

Մայրը նստեցնելու այս ճիգն իսկ ծանր ինկաւ Նալպանտենց Սերոբին, որ թողուց ձեռքը։ Բաղդատաբար առատ իր միսին հակառակ՝ անիկա կը հեւար փոքր շարժումէ մը։ Գուցէ այս արդիւնքին մէջ դեր ունին հին ու նոր վարժութիւններ։ Մնայուն կերպով ենթարկուած մօրը հսկողութեան՝ անիկա գուցէ կը պահէր օրանին վարանքը, դիզուած բաւիղին մէջը ոսկորներուն։ Կազմածի այս քիչութեան պէտք է աւելցնել միւս տկարութիւնն ալ, որուն պարտկումին մէջ անիկա այնքան նպաստ էր գտած իր մօրմէն։ Աս էր, որ կրկնապէս նուաստ կ՚ընէր զինքը։ Իրաւ է, որ իր խելքը, ազդեցութիւնը, հետզհետէ աղա դառնալու իր ընդունակութիւնները կը միջամտէին, հաւասարակշռելու անոր առնութեան պակասը ու բոլորովին խաղալիք չընելու զինքը մօրը ձեռքը, ինչպէս էր պարագան ուրիշ քանի մը տղոց, որոնք նիւթական գերիներն էին իրենց մայրերուն ու զաւկի հայր ըլլալէ ետքն ալ անմռունչ կը տանէին պատանութեան շղթաները` դառնալով քիչիկ մը ծիծաղելի եւ թերեւս ալ ցաւագար։ Նալպանտենց Սերոբը մօրը հսկողութիւնը չիջեցուց այդ անկումներուն։ Պարտկեց ինքզինքը։ Դիմացուց պատրանքը զօրաւոր ուղեղի մը, որուն անայց չէին մնար գեղի միջինին մտայնութիւնն ու կարծիքները։ Այս առտու, իր մայրը անկողինին մէջ բռնի նստեցնողը Նալպանտենց Սերոբէն աւելի՝ տեսակ մը ոգի էր` շինուած ով գիտէ ի՛նչ պայմաններէ։ Ամէնքս ալ մայր ունեցեր ենք, ըսել կ՚ուզեմ՝ բանաստեղծին հետ զայն նկատած ենք կապոյտ մշուշէ։ Բայց քիչեր կը հարցնեն, ի՞նչ է մայրը։ Մա՛նաւանդ գեղերուն մէջ։

 

Մայրը, որ նրբացած քաղաքակրթութեանց եւ նախնական գրականութեանց մէջ ենթարկուած է այնքան ձեւազեղծման ու նիւթը տուած քաղցրագոյն հեքիաթներու։ Զոր վէպերը կ՚ոսկեզօծեն, տասնաբանեաներն ու քրիստոնէականները կը սրբացնեն։ Զոր կեանքը այնքան յաճախ, բրտօրէն կամ կեղծիքով, կը պատժէ [376] ու կը փոշիացնէ նոյնիսկ առաջաւոր քաղաքակրթութեանց մէջ։ Մայրը գեղերուն համար, երկդիմի, անվաւեր որակուելու չափ տարտամ ըմբռնում մըն է, բզկտուած կեանքին բոլոր ժանիքներէն, խոռոչաւոր նոյնիսկ իր խորքէն։ Անիկա կինը չէ, գեղին մտայնութեան մէջ ինքնին այնքան անկշիռ, մասնակի, խեղճ էակը, որուն պաշտօնը կը սկսի մութին ու կ՚աւարտի լոյսին։ Անիկա զաւակներու [377] տոպրակ մըն է, ամէն բանէ առաջ, բաղդատելի շատ յաճախ ախոռի մատակին։ Այս մտայնութեան նեղ ու տխուր նուաստութիւնը պարտկելու համար է, որ թերեւս կը յամառի կծկուիլ, փաթթուիլ անդրանիկ պիտակումին, որով անիկա կը մտնէ կեանքէն ներս։ Հա՜րս։ Անշո՛ւշտ։ Ու հարսնիքէն գուցէ քսանհինգ տարի ետքը տակաւին։ Հարս է անիկա զաւակները դիեցուցած, ճլտորցուցած, դէպի երիտասարդութիւն ճամբու դրած շրջանին վախճանը մինչեւ։ Դրական է վերադիրին իմաստը, եւ բիւրեղացո՛ւմը՝ հոգեկան որոշ վիճակի մը։ Ան, կինը, պիտի դիմանայ, ու հաճոյքով, այդ տարազին տակ, որքան ատեն որ կեսուր մը կայ գլխուն։ Պիտի չհրաժարի տիտղոսէն նոյնիսկ երբ հարս հանէ անդրանիկ աղջիկը։ Ու պիտի մնայ հաւատարիմ անոր հմայքին, երբ տղոցը համար հարս շարէ տունէն ներս։ Բայց տարօրինակ չէ՞, որ անիկա մայր չըլլայ, այնպէս՝ ինչպէս տրուած է մեզի գորովիլ անոր սրտառուչ գեղեցկութեանը վրայ։ Մօտաւորապէս քառորդ դար, կեսրոջը ծիրին մէջ, անիկա պիտի դառնայ ու դառնայ, լուծուած անոր շուքին մէջ, ջնջուած ու եղկելի արարած, որուն գեղեցկութիւնը մարմնացած վտանգ մըն է սեպհական գլխուն, ու կեսուրներուն ձեռքը՝ վայրագ պատրուակ կտտախառն [378] նախանձի։ Կեսուրը մեգերայի մը պէս կը հսկէ անոր փթթումին։ Տխուր արարա՜ծ, երբ տգեղ է անիկա, այսինքն՝ դէմքի մասնակի խօթութեամբ մը զարնուած, աղբիւր դառնալով մշտական կռիւներու, ա՛յնքան՝ որ մկնդեղը կը միջամտէ երբեմն ու հարս-կեսուրի այս ճակատումը կը տանի սպանդի` խնամիները հանելով փոխադարձ փողոտումի։ Իմ օրերուս պակաս չէին տուներ, ուր կնոջ մը կեանքին կէսը, թերեւս աւելին, սահմանուած էր համեմատական համրութեան։ Ութսունամեայ տանուտէրը, որ գաւազանին ծայրովը եւ լեզուին հայհոյութեամբը կը վարէ[ր] [379] ընդարձակ գերդաստանը, թոռան տէր հարսներուն միայն կը շնորհէր շիտկէ շիտակ խօսելու իրաւունքը։ Հին, օճախ տուներու մէջ այս բռնապետութիւնը բացառիկ թէեւ, կ՚ազդէր միջինին։ Իրողութիւն էր, որ բոլոր կազմակերպուած ընտանիքներու մէջ, այսինքն հո՛ն՝ ուր յիսունէն վեր կին մը եւ վաթսունէն ոչ շատ վեր այր մը, տասնեակ մը զաւակներու պսակովը ուժաւոր, կը տիրեն անդիմամարտ, հոն, մէջ-կինը, մայրը նկուն է եւ արհամարհուած։ Ան չունի իր հետ զաւկըներուն սէրը, որ ընդհանրապէս սկիզբ ու մարմին կ՚առնէ մամերուն ծոցէն, ուր կ՚ապաստանին անոնք՝ իսկոյն [380] որ օրանը ձգեն ու կը մնան հոն մինչեւ հոգիին կազմութիւնը՝ պահելով ընդմիշտ կնիքը անդրանիկ այս ոստայնացումին։ Վէճի, մահու չափ խոր ատելութեանց ընթացքին՝ ան չունի իրեն հետ սեպհական իր ծնողքին պաշտպանութիւնը, որուն արժէքը այնքան մեծ է միջ-գերդաստանեան ճակատումներուն։ Կը նշանեն, կը կարգեն անոր զաւակները` առանց լրջօրէն խորհելու զանոնք ծնողին կարծիքին։ Դժուար է, որ կեսուր մը որեւէ կէտի մը մէջ զիջանի որեւէ բան հարցնել իր հարսին։ Հեղինակութեա՞ն զգացում։ Նախա՞նձ։ Ծերութեա՞ն չարափոխում։ Կարելի է թուել պատճառներ ու բան մը բացատրած չըլլալ։ Տունին մէջ ամէն տարիք ունի իր գօտին, պահանջները, կարիքները, կարօտները։ Տղան արարած մըն է եւ աշխարհ մը։ Աղջիկները եւ նշանուելիք մանչերը տունին դէմքն են` գեղին դարձած։ Ծերեր, երբ անկար չեն՝ փառքն ու պսակը ընտանիքին։ Մա՞յրը։ Բայց անիկա չի կրնար խանութ իսկ մտնել, քանի մը կանգուն կտաւ կամ բեհեզ կտրել տալու, սեպհական իր կարիքին [381] համար, վասնզի իր սնտուկը օժիտին սնտուկը զինքը պարտաւոր է ձգել մինչեւ կեսրութիւն։ Ու հսկայ աշխատանոցին մէջ, որ տունն է գեղին, մայրը կը նմանի հնոցպանին։ Ան իր պաշտօնին վրայ պարտաւոր է կենալ։ Ու ոչ մէկը կը մտածէ անոր գոյութեան։ Գուցէ Արեւելքն ըլլայ պատճառ այս երեւոյթին։ Տաճկական օրէնքները, որոնք վրաններու կենցաղի մը անդրադարձը կը թուին ըլլալ, զայն մոռցած են գրեթէ։ Բաժինքի, ժառանգութեան, իրաւախոհութեան բոլոր հարցերուն մէջ անիկա կը մնայ ամէնէն զրկուածը, յաճախ բացակայ։ Սովորութիւն է զայն նմանցնել ամանի մը, որ իր պարունակութեամբը միայն կշիռ կը ստանայ։ Ու պարպուած տակառին պէս՝ ան կը նետուի անկիւնին, ամէն տղաբերքէ ետք։ Թերեւս այս ամէնը պատճառ է, որ անիկա մտիկ չըլլուի ոչ ոքէ՝

 

ա) Էրիկէն, որ տունին մէջ միութիւն մըն է ու պարտքին տակը՝ հաշուի առնելու միւսները, մեծ կամ պզտիկ եղբայրներ, բոլորն ալ նոյնարժէք միութիւններ տան հաւաքականութեան մէջ։

 

բ) Կեսուրէն, որ հարսներուն մէջտեղը պէտք է զետեղէ ինքզինքը` պարտքի ու արդարութեան նժարի մը պէս։

 

գ) Զաւակներէն, որոնք ցերեկը դաշտը գործի, իրկունէ իրկուն զայն կը տեսնեն միայն, սեղանին շուրջը ու պատառը բերաննին, կ՚աճապարեն դէպի իրենց հարսով անկողինները։

 

Իմ տղայութեանս, քիչ բան փոխուած էր այս կարգերէն։ Որդիներուն եռանդը՝ հայրենի օճախէն կարելի փոյթով բաժնուելու, գրեթէ նոր կը սկսէր։ Ու այս կարգի տղաքը կը դիտուէին որոշ մեղադրանքով ու բամբասանքով։ Անդին, հսկայ բնակարանը կենարար կեանքով, մանուկներով ու հարսներով, նշանած աղջիկներով ու փեսացու երիտասարդներով, առանց որ այդ ամբողջին մէջ առանձին դէմքի արժանի դառնային մայրերը։ Նալպանտենց տո՞ւնը։ Բայց անիկա չէր կրնար չընդունիլ ու չկրել ցոլքը, կշիռը այս մտայնութեան։ Քաղաքային օրինագիրքը, որ արդարութեան սարուած մը գէշ-աղէկ ստեղծած էր ընկերութեան վրայ, ձեռնթափ էր անկէ։ Միւսը՝ հի՛նը, կը պաշտպանէր զաւակը, բայց կ՚անիրաւէր մայրը, անշուշտ կինը ։ Ոչ միայն այդքան։ Յաճախ էրիկներէն ժառանգ մնացած մէկ եօթերորդ տախտակին [382] հետ, մայրերուն կ՚անցնէր նաեւ ծեծը իրենց որդիներէն, որոնք չէին վախնար ձեռք վերցնելէ իրենց մօրը վրայ, հօրենական աւանդութեան հնազանդ ու հաւատարիմ։ Անշուշտ հետզհետէ ցանցառ գիծեր ասոնք, վայրագ բարքերէ։ Բայց կային։ Ու պէտք է ընդունիլ, որ մարդիկ կը գործեն ազդեցութիւններու տակ, որոնց թելը կը վրիպի անմիջական հասողութենէն։ Նալպանտենց Սերոբը ձեռք չբարձրացուց իր մօրը` գուցէ հպատակելով իր ոսկորներուն։ Անիկա բռնի նստեցուց մայրը ու առանց բարկութեան --ինչ որ ահաւոր կ՚ընէր իր սառնութիւնը--  թուքի մեծ կոլոզ մը նետեց ճիշդ ու ճիշդ անոր աչքերուն։ Բառի ծուէն մը չէր փրթած ակռաներէն։

 

Երկինքէն կրակ մը, ինչպէս կ՚ըսեն նման առիթներու, պիտի հասկնար ու պիտի հաւատար Նալպանտենց հաճի Աննան, ա՜ն՝ որ տէրտէրն ու թաղականը պատկառանքի վարժեցուցած էր իր դէմ։ Ան մնաց ապշահար, վասնզի կ՚անգիտանար։ Բայց տաք հեղուկը թարթիչներէն մղուեցաւ դէպի այտերուն յատակը։ Ու կը քալէր։ Մէկէն իրեն այնպէս եկաւ, որ աշխարհին ամէնէն աղտոտ որդը կը սողոսկէր քիթին քովերէն։ Դատե՞ց կատարուածը։ Շփոթ էին մտածումները։ Սրբեց երեսն ու աչքերը վերմակին։ Ու դանդաղ, ու անզօր, ու բեկ էին անոր ձեռքերը։ Հաճի Աննան իր կեանքին անդրանիկ նախատինքը կ՚ընդունէր իր իսկ զաւկէն։ Ներքին խարանը գրեթէ չէզոքացուց գարշագին զեռումը թուքին։ Այն ատեն միայն տեսաւ, թէ որո՛ւ դէմ կը գտնուէր։ Պահիկ մը ուրուացաւ մտքին հեռուներէն արդարութեան, վարձք ու պատուհասի փայլակ մը։ Կը սկսէ՞ր արդէն քաւութիւնը։ Բայց մենք, մեղաւորներ ըլլալէ առաջ, մարդեր ենք միշտ։ Մեղքինն ենք ու հաշտ անոր, երբ թօթափած ենք մեր ժառանգութիւնները, անշուշտ` զղջումի գնով։ Ամէն ոճիր փայլակ մըն է, որ պիտի վերածուի խղճմտանքի ճահիճին։ Կրցաւ նայիլ պարզ ու խոր, զաւկին գլխուն վրայէն, որուն դէմքը անյատակ զզուանքի ոստայնի մը պէս կը դառնանար այդ պահուն։ Ի՞նչ կը տեսնէր պառաւը այդ դիմակէն անդին։ Տղան ելաւ ոտքի։ Անոր նեղ շնչառութիւնը սուլումի մօտ բան մըն էր հիմա։ Բարկութի՞ւն կը կեղծէր, թէ կը պատրաստուէր կարելի հակահարուածին։

 

Մայրը չըրաւ ճիգ` հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ կը թքնէր զաւակը իր երեսին։ Իր խղճմտանքին մէջ անդադար ինքզինքը սրբացուցած՝ պառաւը մօտիկ էր ուրիշ, իրականութեան լիովին հակադիր վիճակի մը։ Բայց զայրացաւ անիկա, երբ մտածեց, թէ որո՛ւ համար մտած էր ձեռնարկին մէջ։ «Մէկ ոտքը գերեզմանը չէ՞ր», ինչպէս կը պատգամէ գեղացին պատկերելու համար իրենց դերը աւարտած կենդանիներուն ճակատագիրը։ Նեղուեցաւ ու պրկելով շրթները պոռաց.

 

-- Ինչո՞ւ կեցեր ես։ Վերցուր ձեռքդ ալ։

 

Սովորութիւնը կը պահանջէր, որ այս հրաւէրը խղդուէր արագ ու բիրտ հարուածներով։ Որմէ յետոյ մայրերը կը շտկրտէին իրենց լաչակները, կը նստէին ծունկի՝ հանդիսաւոր, կը տարածէին իրենց բազուկները ու վերացած՝ [383] աչքով ու հոգիով՝ կ՚արտասանէին պերճ, սիրելի, աստուածահաճոյ անէծքները, որոնք բառերու դէզին մէջէն կ՚անջատուին, կ՚ամրանան ու կը տեւեն անձին, տունին կամ կալուածին վերեւ կախուած՝ ինչպէս գանկ մը՝ կտրուած մարմինէն ու նետուած օդին, դժբախտութիւն, տարաժամ մահեր կաթկթելով ենթականերուն վրայ։ Տղան մնաց անշարժ։ Կը վախնար զայրանալէ։

 

-- Ինչո՞ւ կեցեր ես։

 

Կրկնեց մայրը։ Ու տարօրինակը հո՛ն էր, որ նախադասութիւնը դաշնաւոր ու խելօք բանի մը պէս զարնուեցաւ ու ինկաւ սենեակին։ Մայրը կը զգա՞ր, թէ Նալպանտենց Սերոբը կեանքին մէջ չվերցուցած իր ձեռքը պիտի չկրնար գործածել մօրը գլխուն։ Ու տխուր էր ասիկա, ա՛յնքան՝ որ մայրը, նախատինքէն շատ անդին, իր սերունդին այս անսրբագրելի տկարութեան հանդէպ փղձկեցաւ։ Քայքայումն էր ասիկա իր բոլոր փառասիրութեանց։ Յետոյ, ստիպուած, վերացաւ ուրիշ տրտմութիւններու։ Ասիկա՜ էր հատուցումը։ Ու այսպէս ըլլալու էին բոլոր հատուցումները։ Խոնաւցած իր աչքերը ան պատսպարեց ձեռքերուն ետին։ Ու այդ վարագոյրին ետեւէն անցան ժամանակի մեծ, երկար ու դժբախտ կտորներ, տարիները՝ զինքը այնքան ստորնօրէն նախատող սա տղուն ծնունդին։ Ու յաջորդնե՜րը, անսահման ու ահաւոր աշխատանքին, որուն գինը կը կազմէր բիւրեղացած սա հրէշը։ Ի՜նչ շուտ կը շրջի ժամանակին բաժակը ու կը ցնդի՝ ի՛նչ որ հաւաքուած է այնքան դանդաղ։ Բոլոր հոգն ու խնամքը, ցաւն ու զրկանքը, վատնուած կորովն ու մորթուած երիտասարդութիւնը, որոնք վերածուած էին սա անաստուած միսի կտորին։ Չլացաւ սակայն, ոչ թէ հպարտութենէն, այլ զլանալու համար արցունքին հեշտանքը սա արարածին, որուն անողոք ու նրբագոյն հաճոյքներէն մէկն ալ դիտելն էր ուրիշներուն տառապանքը, մա՛նաւանդ արցունքը։ Մայրը փորձառու էր անոր այս հակումին, խոր տղայութենէն։ Չտկարանալու համար՝ ան կարծրացաւ ինք իր մէջ ու աւելցուց.

 

-- Մէկ ափս գող ըրի, մէկալը բոզ…

 

Յուզումը նուաճեց սակայն անոր կոկորդը ու արգիլեց աւարտել դասական առածը, որ խռովայոյզ այրիներու պայքարները, իրենց որբերը պարտկելու ճամբուն վրայ անոնց հանդուրժած զրկանքը կը փոխաբերէր։ Գեղին մէջ թերեւս քիչ ըլլայ կշիռը անկողինին, այս խարոյկին մէջ, բայց՝ գո՛յ։ Այրի մահիճի կուշտին դրամը քիչ բան կ՚արժէ։

 

Տղան գլխահակ մտիկ կ՚ընէր։ Նուաճուա՞ծ էր ըրածին ամօթէն։ Քարշուա՞ծ կրկին՝ խորը իր անկարութեան [384] ճահիճին։ Փակ էին աչքերը ու դէմքը կապուած։ Ու կարելի չէր փշրանք տեսնել անոր հոգիէն սա կոյտին մէջ, որ անոր մարմինը կը կազմէր։

 

-- Որո՞ւ համար, հէ՞, որո՞ւ համար։

 

Նետեց անիկա արդար ու հպարտ հարցումը անոր քիթին ու բերնին։ Տաք էին բառերը, հարուստ։ Սկզբնական շուարումը փոխարինուած էր տենդագին կիրքէ մը, որ անոր խարխլած մարմինը կը դողացնէր բիւր բերաններէ։ Այս սարսուռը կ՚աւելնար անոր կիրքին ու կ՚ընէր զայն փսորած, ամբողջ [385] կազմելու անկարող բան մը։ Կը պատահի ասիկա, երբ մեր կիրքերը [386] մենէ մեծ ըլլան ու մեզ խաղալիք դարձնեն իրենց ճնշումին։

 

-- Յուդա՜, Յուդա՜։

 

Փակցուց նոյնքան սրտոտ, նոյնքան լեցուն, ատեն չձգելով տղուն, որ հաւաքէ ինքզինքը։ Յետոյ հանգչեցաւ։ Բայց անէծքը կարօտ է փոքր լուսաբանութեան։ Բացագանչութիւնը կու գար հսկայական նկարէ մը, որ կը ծածկէր ժամուն պատը, այրերու գաւիթին հարաւէն։ Չեմ յիշեր հիմա, թէ ո՛ր դարու գործ էր ան։ Բայց Վերջին դատաստան ին մանրանկարը ըլլալու էր այդ բարբարոս պատկերը, արքայութեան ու դժոխքի դասական բաժիններով։ Անարժէք ու հրէշադէմ սուրբերուն ու սրբուհիներուն դէմ, որոնք արքայութիւնը կը վերածեն միսերու անհամ պարտէզի մը, տպաւորիչ էր՝ թէ ՛ իբր տեղագրութիւն [387], թէ՛ իբր դիմանկար՝ սանդարամետը, ուր մեղաւորները պատժուելու վրայ էին միջնադարեան չարչարանքներով…։ Հոն էր մեծ մեղաւորը, Յուդան, ձեռքին երեսուն արծաթ, բարբարոս վայրանկարի մը վրայ, ուրուաձեւ ու ինքզինքը կախած ահաւոր ժայռի մը երախէն, բայց գլուխով մը, երեսի արտայայտութեամբ մը, որ կը մխուէր մարդուն ուղեղին երկաթի պէս ու դուրս էր մարդկայինին սահմանէն։ Նկարին հուժկու եւ սարսռազդեցիկ այս գլուխը արուեստագէտը դրեր էր երկրորդ անգամ փոսի շրթունքին, ուր կը հրուէին, թաւալգլոր, իրենց ծնողքին վրայ ձեռք վերցնողները։ Այնպէս որ, տխուր՝ բայց ընթացիկ սա մեղքին համար մայրերը փոյթ ունէին շատ կանուխէն հրահանգելու իրենց տղաքը, ձեռքերնուն բռնած կեցնելով պատկերին դէմ ու մատնանիշ ցոյց տալով զարհուրելի գլուխը։ Ժողովուրդին երեւակայութիւնը մեկնելով դէմքերուն նոյնութենէն զետեղած էր երկու մեղքերը նոյն աստիճանին ու նոյն պատուհասումը բանաձեւած մեղաւորներուն։ Սատանաները իրենց պոչերուն մէջ կը հիւսէին անոր իրանն ու անդամները, ամրակուղպ, անքակտելի, իրենց ագիներէն կող ու սրունք ճարելով, փշացած իրենց թեւերով կը շինէին կուրծք, բայց ազատ կը ձգէին գլուխը, այնպէս ցայտեցուցած անոր մարդկային թշուառութիւնը, որ նայողը կը սարսռար։ Տանջանքի գերակշիռ, խիստ ու անջնջելի զգայութիւն մը կը խռուանար ու կը մնար մինչեւ հոգեւարք [388] գեղին բոլոր մարդերուն մէջ։ Չկար անէծք մը, նախատինք մը, որ մօտը դրուէր այս պատուհասումին։ Գուցէ ցեղային մեծ մեղքը, մատնութիւնը այս դատաստանումին էր տարուած՝ գեղացիին միամիտ դատումովը։ Կը զգուշանային անկէ առհասարակ մայրերը, վասնզի նախապաշարում թէ իրողութիւն, դիտուած էր, որ զայն ճիտին առնողը ոճիրի կը մղուէր, կը թրքանար, տարաժամ ու եղերալից մահուան կ՚ենթարկուէր։ Նալպանտենց Սերոբին օխա մը թուքը չէր կրնար հակակշռել անէծքը։ Հագաւ զայն սակայն, անդոհակոծ, ջրի, յիմար, ու պոռաց՝

 

-- Յեզաբել [389]

 

Չէր դիմացած։

 

Նալպանտենց Սերոբը սրբազան պատմութիւնը գոց գիտէր՝ ինչպէս բանտերուն մեծ պատմութիւնները [390] ։ Բայց բոլոր խուժդուժ կամ գողտր դրուագներէն աւելի՝ ան կ՚ախորժէր այդ պատկերէն։ Բառը կը վայելէր տարտամ ժողովրդականութիւն մը, նոր սկսած, բայց ծանր, խորհրդաւոր։ Կը հետապնդէր պոռնիկը, աւելի ճիշդ՝ դաւադիր ու խառնակիչ կինը, որ տագրերը իրար կը ձգէր ու տունին խաղաղութիւնը կը քանդէր ` բաժնելով աղբարները ժամանակէն շատ առաջ։ Կիները զայն չէին գործածեր իրենց առօրեայ կռիւներուն ընթացքին։ Բայց անիկա կը պտտէր [391] ուրուային սոսկումով մը «նզովից արմատ» սեռին վրայ։ Նալպանտենց Սերոբը հարիւր անգամ կարդացեր էր, Ս. Գիրքէն, ամբարիշտ թագուհիին կապուած դրուագումը։ Ու ամէն անգամ կը խռովէր։ Ընդարձակ մատեանին հազարաւոր դէմքերէն ինչո՞ւ այդ հերատուկին օձախռիւ նկարը գամուեր, սատափուեր էր իր ուղեղին։ Կնի՞կ մը, ի՛նք, որպէսզի այդքան սարսափով կապուէր դաւապսակ պոռնիկին։

 

Երկու հսկայ նախատինքներէն վերջ անոնք պահ մը մնացին լուռ։ Իջած էր սրտոտ բռնկումը պառաւին, որ մայր էր ի վերջոյ եւ գօս սա [392] ճիւղին վրայ դողահար սիրով տագնապուն։ Սրբուեցաւ չեղած բարկութիւնը Սերոբին, որ իր տունին բոլոր հարցերուն մէջ մտածեր էր մօրը ուղեղով եւ կը զարմանար, արդար զղջումով, իր միջամտութեան սա խաղքութեան։ Ու գրեթէ առանց ցուցմունքի, անոնք հասկցան, թէ դէմ դէմի չէին եկած սա վայրկեանին, Ս. Գիրքին հայհոյութիւնները իրարու գլխին նետելու։ Ո՛ր ճամբաներէն մօրը այցելեց պատեհագոյն զգացումը՝ անբնական ու փշալից սա կացութիւնը դնելու վճռական լոյսի մը տակ դժնդակ, աղտոտ՝ բայց պարզուած ու իրաւ։ Պառաւը թեթեւցած էր ահաւոր ճնշումէն, որով մաղաղկած էր ամբողջ ողբերգութեան ընթացքին։ Սերո՞բը։ Անոր մտքէն ուրուացաւ ու անցաւ ինչ որ պէտք չէ, չի կրնար գրուիլ։ Այսպէս է, որ թուքէն ու նուաստացումէն յետոյ անոնք մտան այն ճամբան, ուրկէ կը քալեն մարդոց խորագոյն անձերը, ոչ անոնց սազուած [393] ու ներկուած պատկերները։ Մե՜նք բոլորս ճամբորդներ, բայց սակաւադէպ, որ կ՚ընենք այդ զիջումը մեր հպարտութեան ու մեզ կը տեսնենք այդ արձակութեանց վրայ, մղուած մեզ վարող ուժերէն, ու կորաքամակ ու խեղճ, առանց վախի, բայց առանց նեցուկի, մեր իսկ փոքրութեան ոստղովը [394] լափլփող [395] ։ Ու յետոյ, մտան անոնք մռայլ բաւիղէն ներս, ուրկէ գրուած է քալել մարդոց որդիներէն շատ շատին, ուսուած իրենց պատիժովը, որ մեղքն է իր բիւրազգի ուռկաններովը, շաղապատող ու վայրաձիգ կամ խայթն է իր բիւրա[զ]գի [396] ասեղներովը, հաւասարապէս սուր ու նիզակող։ Որ՝ կի՛նն է, որ՝ ա՛յրն է, բայց օձագալար ու սողոսկուն, ծոծրակէն կարթուած ու սիրտէն օղաւոր՝ ծամելով համն ու թոյն[ը] [397], արհամարհանքն ու հաշտութեան [398] լեղին. ամէնէն անարգը բոլոր պատուհասումներուն։ Այս ճամբորդութիւնը յաճախ կը խորտակէ ուղեւորը։ Սիրոյ ոճիրները հանգոյցներ են այդ ուղիներուն դարձուածքին։ Չմեռնո՞ղը։ Ան ալ պիտի քալէ, աչքերը վար, անցքէ անցք ու կայանէ կայան, մինչեւ որ տարիքը ճերմկցնէ կամարները եւ սիրտերը եւ ոտքերը կակուղ կաւի վերածուին, նոյնա[նա]լու [399] չափ ճամբուն մեծ ցեխին։ Ու պիտի իյնայ մեղքին տակ բիւրեղացած։

 

Տարօրինակ ճամբորդութի՜ւնը։ Հեծեծակոծ ու հզօր բախումին իսկ մէջը անոնցմէ չէր բաժնուած անասելի այն վստահութիւնը, որ կապեր էր իրարու անոնց կեանքերը, մօր ու տղու բնական հանգոյցէն դուրս։ Հարսնիքէն ասդին անոնք համակամ դաշնակիցներու նման չէի՞ն վարած Նալպանտենց տունը։ Որո՞ւ [400] կը հայհոյէր Սերոբը։ Անո՞ր՝ որ իր անպատմելի՜ ամօթը պարտկեր էր տարիներով, թումբ դրած գեղին լեզուին, հոյաշէն հարսի մը հզօր արգանդին, ու ըրած, կարելի դարձուցած անկարելին, իր շեմին կապուած պահելով մանկամարդ կինը, բժիշկներուն վճիռէն ալ ետքը։ Զո՞վ կ՚անիծէր հաճի Աննան։ Ա՞ն՝ որուն յղացումին համար ան զոհած էր էրիկը եւ պիտի զոհէր աւելին…։ Ան սարսռաց վերաքաղին տակ այն յուզումներուն, որոնք ամրացած ու բանտուած կը մնային անոր ջիղերուն ակօսներէն։ Չէ՞ որ աչքն առած էր ընել ամէն քայլ։ Որուն սաղմնաւորումէն յետոյ, աշխարհ իջնելէն յետոյ՝ անիկա ըրաւ իր կեանքը մէկ ու միակ պայքար մը, առնելու զայն մարդոց ու մահուան ժանիքներէն։ Ի՞նչն էր իր սպասածը սա անցաւոր, աղցաւոր աշխարհէն։ Տղա՜ն։ Իր տղա՜ն։ Իր արիւնը, որ այդ հզօր պատրանքին տակ պիտի տեւէր իրմէն դուրս ու վերջ։ Մարդ յիմարութեան, ինքնասպանութեան գնով միայն թշնամի է ինքզինքին։ Ու անոնք բացառութիւն չէին կազմեր այդ օրէնքէն, որ ընտանիքի մը անդամները իրարու դէմ հանելէ յետոյ, զանոնք իրարու կը հեղ[ի]ւսէ [401], կը հանգուցէ արտաքին վտանգին դէմ, անակնկալ լուծումներու տանելով առտնին վէճերը։ Անոնք անխուսափելի էին իրարու։

 

Ու ահա՝ աւելի նուրբն ու լեղին։

 

Այս վայրկեանին իրենց կասկածելի կողմերէն դուրս էին այն պատմութիւնները, որոնք հարսներու արգանդին համար օտար տղաք առագաստ կը կանչեն։ Մտքով յիշեց այդ տուներէն մէկ քանին։ Առաջին գիծի կու գար անոնցմէ մէկը, բարի եւ անցեալով ընտանիք, հասնող օտարին ու հարուստ, ուր գեղին գեղեցկագոյն հարսին արգանդը կապ մնաց ինը տարի։ Հեքիաթ ու բանաստեղծութիւն չպակսեցան գլուխէն հարսնուկին, որուն գիծերը իրենց մաքրութեամբը, նրբութեամբը ստուերի մէջ կը ձգէին Նալպանտենց Աղուորը։ Անշուշտ պատմութեան խառնուած էր տան մատաղ ծառային անունը, խելօք ու քաղցր մանչ մը, որ փեսայ դարձաւ անոնց օճախէն ու ծերացած էր հիմա։ Իրական էր, որ յապաղած արգանդը ծնունդ էր տուած, ինը տարուան գօսացումէն ետքը, կէս երկվեցեակ տղոց, բոլորն ալ իրարմէ առողջ ու աղուոր։ Բամբասանքը հեռացող ջուրին կը նմանի։ Քանի՛ հեռանայ, ա՛յնքան քիչ կը հնչէ։ Էրի՞կը։ Բայց մարդուն մազն իսկ չշարժեցաւ տեղէն։ Անկնճիռ, բարի, առատաձեռն՝ անիկա առաջ գնաց, Աստուծոյ օրհնութեամբը։ Գիւղապետ՝ տարիներով։ Մնայուն աթոռակալ։ Եպիսկոպոսները տարուէ տարի զարդը կ՚աւելցնէին անոր մեծակառոյց տունին։ Ու եղն ու մեղրը կը հոսէին անոր դուռներէն, աղբիւրի պէս։ Նալպանտենց Սերոբը մտքով ինքզինքը դրաւ տեղը հաճի Յակոբին, նախանձելի աղային։ Հիմակ ալ դեռ կը յիշատակուէր եղելութիւնը, բայց կը զեղչէին ծառային անունը ու կը ծանրանային Աստուծոյ կարգադրութիւններուն վրայ, որոնք տէրտէրին վկայութեամբը կատոզ ի եւ խոզակի մեր հաշիւներուն չէին ենթարկուեր։ Լուսաւոր այս պատկերը սրբուեցաւ սակայն անոր ուղեղէն։ Հոն ծառացողը մռայլ, նուաստ նախանձ մըն էր։ Վասնզի հարուստ տուներէն շատին մէջ կինը կեանքի ընկեր մը չէ։ Զայն կ՚ընտրեն միշտ հաշիւով։ Տգեղութիւնը, չորցածութիւնը, նոյնիսկ խօթութիւնը չեն տեսնուիր, երբ ժառանգին բաժինը հաստկեկ է հարսին կռնակին։ Ուրիշ տուներու մէջ միշտ հարուստ կինը, հակադիր կողմէն, էրկանը պիտի բերէ շատ ողորկ գեղեցկութիւն մը, դասական կատարելութեամբ, որուն վրայ կիները պիտի ճշդեն քիթին մանրութիւնը ու աչքերուն, յօնքերուն կրակը, այրերը՝ խորութիւնը, թաւիշը, առքը տարփանքին։ Անիկա պիտի ըլլայ է՛ն հզօր առարկան էրկանը փառքին ու հպարտութեան։ Անոր մորթին բացութիւնը, փափկութիւնը, դեղնաւուն ծիրանին, զոր ճերմակը նուաճել ջանար, զարդն ու ոսկիները, քալուածքին համն ու կուրծքին զեղուն խոստումները էրիկին համար սնափառութեան անծածկելի զսպանակներ են։ Ան կը քալէ գլուխը բարձր, կը նայի կիներուն հասկցող հպարտութեամբ մը։ Ու ամէն երիտասարդ էրիկ է, երբ զաւակներուն թիւը չորսի մօտենայ։ Նալպանտենց Աղուո՞րը։ Անշուշտ ամէնէն աղուոր պուպրիկներէն։ Ու զարմանալին հո՛ն է, որ Սերոբէ էֆէնտին կը տառապէր ամէնէն շատ սնափառութեան հասած այս հարուածէն։ Ան կը տառապէր յառաջիկայէն, երբ եղելութիւնը պիտի իյնար փողոց։ Ակռաները կը սեղմէր ծառային պատկերին վրայ, ուր չէր տեսներ իր պատիւը սպաննող էրիկմարդը, այլ՝ աղքատը, բորոտը, անօթին, անոնց ` հարուստներուն բառովը՝ խլլոտը ։ Դասական այս տեսարանումին վրայ անիկա չուզեց տեսնել նորէն դաշոյնն ու անոր շողիւնը, որոնք անմոռանալի գծագրումով մը կը տիրէին անոր ուղեղին։ Յետոյ իջաւ` օրուան, կեանքին ուզած չնչին մարդը ըլլալու։ Չենք խորհիր այս ողբերգութեան, որ կը վրիպի գուցէ իր անհուն ընդարձակութեանը համար։ Յաջորդական այս յօրինումներուն ներքեւ անոր դէմքը պարպուած էր չունեցած իր պատիւէն ու ըրած զինքը շքեղ անասուն մը։ Այսպէսով գեղին գերագոյն նախատինքը ներկի արատի մը պէս կը տեղաւոր[ու]էր անոր ճակատին, բայց չէր նեղեր զայն։ Հաճի Աննա՞ն։ Անիկա ալ ինկաւ իր միակ բարկութենէն, զոր զաւկին ապերախտութիւնը վառեր էր իր մէջ պահի մը համար։ Թող ներուի անոր այս ձեւ զգալ անկարող այն [402] զիջումը, զոր կ՚ընենք ճակատագրին առջեւ։ Մահը, եւ պատիւին մահը իրարու կը նմանին, ու ասիկա՝ Արեւելքի ըմբռնումէն վեր տարողութեամբ։

 

Վարը ` փողոցը, առտուն կ՚ըլլար աւելի քան զուարթ։ Չորս պատերուն եւ տանիքի մը տակ պայմանաւոր դժբախտութիւնը երբեմն կը խորանայ այս հակադրութիւններով։ Ինչ որ գեղը կը զարնէ ոտքէն գլուխը ու հազարաւոր սրտեր մղձուկի կը նետէ, գուցէ շինուած է փոքր ու անջատ սա ցաւերէն։ Բայց մենք կ՚ուրանանք մենէ դուրս ամէնէն առաջ ցաւը։ Բազմազբաղ հարսները՝ գործի։ Կարելի էր հետեւիլ խօսքին, որ հրապարակ դրած էր գիշերը, իր շունովը, Նալպանտենց «մենծ» լոյսովը։ Կը խնդային, պարզ ու անգէտ, իրարանցում ստեղծելնուն։ Տեսած էին սովորականին պէս, Սողոմը, ձին առաջ, որ իջած էր դաշտ։ Տեսած էին Աղուորին ալ, քիչ մը կանուխկեկ, հաւանաբար մէրանցը գացած, խնամի Սարեկը կանչելու։ Սերոբը ով գիտէ քաղաքէն նոր ի՛նչ կերպասներ էր բերած, որոնք ձեւուէին պիտի։ Կին մը տէրտէրին բարեւը դիմացի պատուհանէն հաղորդեց հաճի Աննային։ Ինքնիրեն, առանց հրաւէրի, դուրսի կեանքի այս խուժումը, իրերուն, մարդերուն, լաւ կամ գէշ հոգերուն այս հոսումը, ամէն օրուան նման, առանց ազդուելու ահաւոր պատահարէն, որ Նալպանտենց տունը լման գիշեր մը ըրեր էր կրակի, սեւ կրակի ոստայն մը, կ՚աւելնար մօր ու տղու կործանումին վրայ, անհոգ, օտար, գեղեցիկ։

 

-- Նստէ՛, - հրամայեց մայրը։

 

Շտկուեցաւ` կռնակը տեղաւորելով բարձին։ Վերմակին մէկ մասը ինկեր էր դուրս, գետին։ Ուրիշ ատեն անիկա հոգածու էր շատ մաքրութեան։ Հիմա չէր տեսներ։ Իր ուժերը ան հաւաքած էր ու քառակուսած։ Կարծես հիւանդ չըլլար, եղած չըլլար։ Տղան կրկնել չտուաւ հրամանը։ Անիկա դեռ չէր ազատած հզօր սարսափէն, մօրը անէծքն ու ատելութիւնը ընդմիշտ ժառանգած ըլլալու։ Նախապաշարուած՝ բոլոր դժուար մեծցող մարմիններուն նման, որոնք կեանքին հետ իրենց սերտութիւնը կը ծածկեն այդ արտաքին միջոցներուն ծոցը, վախկոտ ու վերապահ՝ իր ոսկորներուն կռնծած մատնութեամբը, գրեթէ էգ, զոր եղած էր տարիներով ու պահած ատկէ՝ կնիկի դիւրագրգռութիւն, բայց դիւրաբեկում ալ նոյն ատեն, նուաստ՝ անկանգնելիօրէն բժիշկներուն մօտ ու իր անկողինին անլուր խօթութեամբը՝ անիկա երբ դուրսը, իր խելքին ճառագայթումին մէջ չզգար ինքզինքը, կը նմանէր ազազուն, անկոթուն բանի մը ու իր բնական պաշտպանին, մօրը շուքին մէջն էր, որ կը ստանար կորովի, ընդդիմահար մարմինի ստուեր մը։ Երբ ծալապատիկ նստաւ վերմակի ծայրին, նայող մը պիտի կարդար վրան հանդարտ գոհունակութիւնը, որ օտար է համակերպումէն եւ զանազանելի։ Անիկա միշտ ալ գոհ էր եղած մօրը շինած կեանքէն։ Ու գոհ էր հիմա։

 

Այն ատեն անոնց վերադառնալու պէս եղաւ տարօրինակ այն մտերմութիւնը, որ մօրը գորովէն եւ տղուն երկիւղէն կը յօրինուէր եւ որ տուած էր մասնակի նկարագիր մը այդ տունին, գեղին առջեւ։ Կան այս տուներէն, ուր էրիկ-կնկայ [403] խորքը [404] կ՚ելլէ հարսին սենեակէն ու կը դառնայ մօր ու տղու սերտութիւն։ Կինը կ՚անիծէ բախտը, կեսուրը, բայց չի կրնար էրիկը կապել իրեն։ Կարծես թէ ոչինչ պատահած ըլլար։ Քակուեցան, կը հաւատար հաճի Աննան, կապերը ամպին, որ գիշերուընէ ի վեր բռներ-կեցեր էր տունը։ Կարծես տունին պորտին հսկայ մեղքը հոր չբանար։

 

Ու լեզո՜ւն։ Հաճի Աննային լեզուն։ Ան հիւանդ չէր եղած երբեք։ Խօսեցաւ բանգէտ, փորձառու փաստաբան տիկինը։ Իր սիրած դատին հետ, իսկոյն անիկա դրաւ ինքզինքը իրաւունքին ճառագայթման մէջ վասնզի իրաւունքը տեսական յօդուածաշարքը չէ օրինագիրքերուն, այլ՝ մեր կիրքերով, խառնուածքով, ջերմութեամբ պայմանաւոր նիւթական գոյացութիւն մը, հաստ ու շօշափելի, արդարութենէն ու անիրաւութենէն բոլորովին հեռու, մեր ձեռակե՛րտը, որուն կաղապարն ու գոյնը կու տանք մեր քէներուն եւ համակրութեանց ու անոր վերադարձաւ բացարձակ, սիրական հեղինակութիւնը, որ քիչ առաջ խոյս տուած կը թուէր իր ափերէն։ Կիսաբաց պատուհանը չէին գիտեր, թէ ինչո՞ւ չէին գոցեր զայն կը ստիպէր ընել ձայնը ցած, երբեմն շշուկ ու փսփսուք, երբեմն լուռ հրաման ու վճիռ։

 

-- Ինչե՜ր, ինչե՜ր չեմ ըրեր քեզ ազատելու…

 

Կ՚ակնարկէր անոր ազազուն, անկանգնելի դատուած մանկութեան, ուրկէ քաշած-հանած [405] էր իրաւ է թէ փոքր, բայց գեղին մէջ անունի եւ պատուի տէր Սերոբէ էֆէնտին, անկարելի խնամքներու գնովը։

 

-- Ինչե՜ր, ինչե՜ր չեմ ըրեր…

 

Գուցէ կ՚ակնարկէր հարսնիքին, անով ստեղծուած գոյավիճակին։

 

-- Ի՞նչ է ըրածս…

 

Կ՚ակնարկէր վերջին պատահարին։ Ազատելու համար վերջնական մահէ սա տունը [406] ։ Իր արիւնին պարտադրուած սա կործանումին, սպառսպուռ ջնջումին դէմ իր ըրա՜ծը։

 

Տաք, սրտագին, արդար այս փաստարկութիւնը, ինքն իր մէջ գեղեցիկ արդէն, անկախ՝ հարցէն, զոր լուսաւորելու եւ լուծելու պաշտօնն ունէր, դրաւ, անգամ մըն ալ, պառաւը իր հազուադէպ այն պահերուն մէջ, ուր անիկա նուաճեր էր աղաներն ու փաշաները, պերճախօսութեամբը պարտադրելով ինքզինքն ու իր խնդրանքը հասարակաց հաւանութեան։ Խօսուն, առնազգի կիներուն դէմ այս զիջումը, աւելի ճիշդը՝ պատկառանքը մաս կը կազմէր հին բարքերու։ Օրինակը թերեւս կու գար թուրքերէն։ Ասկէց զատ, տակաւին հիմա կան այդ բերանները, որոնք կը խօսին։ Ու վեր են սուտէն՝ ինչպէս իրաւէն։ Կը խօսին միայն վայրկեանը, իրենց ներքին, լրիւ հեղումը ու կ՚ըլլան, այդ իսկ հրաշքով, անդիմադրելի։ Մտիկ կ՚ընենք անոնց, ներքնապէս տարակոյս չունենալով սուտէն, ուր կը լոլոզուինք, բայց չենք փորձեր պաշտպանուիլ։ Աւելի՛ն. հաճոյք կը դնենք մեր խաբուելուն մէջ, երբ մա՛նաւանդ փոքր շահեր ալ միջամտեն ձայնով ստեղծուած կախարդութեան։ Հաճի Աննան շատ յառաջանալէն յետոյ էր, որ անդրադարձաւ սխալին։ Բազմամեայ իր փորձառութեամբը ան դիտած էր իր վրիպանքը իր տղուն վրայ, ամէն անգամ, որ խօսքին խառնած էր անձին հեղումը, էգ հոսանքը, կարճ բառով՝ զգայնութիւնը ։ Հո՛ն՝ ուր ուղեղէն խօսելու տեղ, ջիղերէն էր խօսած, անիկա հանդիպած էր կրաւոր սառնութեան։ Միշտ ցաւած էր այս պարտութեան համար։ Տաք իր քարոզին բոլոր զգայական տարրը ճիշդ ու ճիշդ ա՛ն՝ որ անոր բառերուն համն ու ուժն էր կազմած օտարներուն թափուեցաւ գետին, աւելորդ իսկութեան մը նման, որուն անհաղորդ կը մնայ մարդոց մեծ մասը։ Ու անոր իմաստի բաժինը, պատճառներու եւ հետեւանքի շղթայումը, Նալպանտենց կալուածներուն վրայ սրուած ախորժակներուն մեծութիւնը, որով կը թրթռար ամբողջ ճառը, նոյնութեամբ հաղորդուեցաւ ջիղերէ խօթացած Սերոբին ուղեղին։ Ըսուած է, որ ներքինիին տառապանքը ցանկութեան պակասով չէ, որ կը պայմանաւորուի։ Կը տառապի ցանկութեան վրայ մտածել չկրնալուն։ Յուզուելու անատակ այդ ջիղերը ծանր ակօսներու նման անոր միսերը կը հերկեն ու այդքան։ Անկէ՞ անդին։ Պճլտուն՝ բայց պաղ, Նալպանտենց Սերոբը տղայութենէն մինչեւ հիմա, անշարժ ու խելօք էր եղած բոլոր հարցերուն մէջ, որոնք գեղը տակնուվրայ կը բերեն։ Չէին տեսած անոր արցունքը սրտառուչ մեռելներու գլխուն։ Վա՞խ։ Որքան որ կ՚ուզէք, բայց իմացական, այսինքն՝ ուղեղէն հնարուած ու դալուկ, ինչպէս ջերմանոցի ծաղիկը։ Չէին տեսած անկէ՝ հզօր, ջերմ բարկութիւն մը, որ անոր երեսին պաղը կոտրէր ու աչքերուն քիչ մը կարմիր փոխադրէր։ Հաճի Աննան դիտած ու զարմացած էր միայն։ Քիչ առա՞ջ։ Բայց ի՜նչ ցուրտ, քիչ, նուաստ էր տղուն յարձակողականը, զուրկ ձայնին հովէն ու կիրքին հուրքէն։ Յանկարծ մօտեցուց էգ այդ բարկութիւնը վաւերապէս ամուլ կիներու մօտ դասական անզգածութեան, որոնք հաշիւով կը պատասխանեն, տասնի դէմ մէկ, բայց խելքին ամբողջ ասեղները կը հիւսեն ամէն մէկ վանկի նեարդին ու կը ճաթեցնեն կռուակիցը իրենցմէ պակսող յուզումին, գրգռութեան քառապատիկը [407] ծորելու ստիպելով իրենց դէմինին։ Կարծես անոնք կը շահին գրաւը իրենց միսերուն խորը հանգուցուած այդ սառումին նիզակներով։ Դուրսին համար սուրբ-սուրբ [408], անոնք հզօրապէս տիրակալուած, բայց անպարագիծ ատելութիւններ են, ատելութեան թորեալ իսկութիւններ՝ կեսուրին, կեսրայրին, տագր ու ներուըտանցը հանդէպ։ Հո՛ն՝ ուր կեանքին խորագոյն երակը հրապարակ կու գայ -- [409] արիւնին բոլոր խաղերը, այսինքն՝ այն հանգուցումները ուր [410] սերմը, սեռը, էգն ու արուն, տղան ու աղջիկը, էրիկն ու կնիկը նկատուած միայն ու միայն այս անկիւնէն, նկատուած իբր անուայոյզքը ապրումի մեքենականութեան հոն բոլոր ամուլները անողոք են ու կը կոտրեն։ Չգիտցո՞ղ։ Պառաւը պիտի չըլլար։ Ու Նալպանտենց Սերոբին մէջ ատելութեան պատուաստ մը միայն ընդունակ էր ուռճանալու։ Ու մայրը գրգռեց անոր խորը թաղուած ատելութեան բնատուր կարասը։ Որո՞ւն գաղտնիք՝ գերդաստանին ախորժակները, ժառանգական մարզին վրայ։ Բոլոր կարեւոր թաղերէն հետզհետէ նահանջած, բայց հողերուն վրայ ամրապէս տեղաւորուած ու ի վնաս դրացիներու մշտապէս յափշտակող Նալպանտենց տղաքը անընկճելի սպասումով մը ամէն օր, հեղ մը, Սերոբին ճողիլը կը բարբառէին ու «հունտէն հիւանդ» իրենց ազգականին կալուածները զուարթ լրբութեամբ մը ի լուր աշխարհի կը բաժնէին, ո՛րը տղուն, ո՛րն ալ աղջկան իբր օժիտ ու սաչու ։ Այսպէս զրահուած գիշակերներու դէմ Սերոբին ատելութիւնը պէտք չունէր դուրսէն նպաստի։ Իր կարգին, չէր կրնար էմմի ներուն, անոնց տղոցը անունը բերան առնել, առանց թքնելու եւ հայհոյելու։ Մայրը ճարտարօրէն շահագործեց անցեալն ու ներկան։ Ու անոր փաստերը ընդունուեցան՝ թէ՛ իբր նոր, թէ՛ իբր միակ կարելի, ընտանի սեպհական մտածումներ, ուրիշի մը մէջէն կրկնաւոր։ Ու դեռ ուրիշ մեծաշռինդ դրուագներ, որոնք համրիչի հատիկներու պէս իրարու ետեւէ կը շարէր մեծատաղանդ պառաւը։ Նորութի՞ւնը այս ամէնուն մէջ։ Կար։ Ու հիմնական ալ էր։ Հիմա՛ որ իրենց տունին ճակատագիրը ելած էր մօր ու տղու հասողութենէն ու ենթարկուած օտարին քմահաճոյքին հարսն ու տան ծառան նոյն գիծին կը բերէր հաճի Աննան , անհրաժեշտ էր ըլլալ աչալուրջ շատ աւելի, քան առաջ, տիրել, սանձահարել դուրսը, պառաւին բառով՝ ալէմ ը։ Գեղի տուները քիթ քիթի. մարդերը՝ կուշտ կուշտի. արտերը՝ եզր եզրի, իրարմէ կախուած բոլորն ալ իրենց խորագոյն իրականութեանց մէջ իսկ։ Տանիքի մը տակ, հեռուէն գուշակուած ուրուաձեւ մը միւսին մէջ մարմնով անձ մը կը դառնար։ Աղուորին փորին մէջ զաւակ մը ինչպէ՞ս պիտի խուսափէր [411] բամբասանքէն, որ օրէնք է ու պաշտօնական՝ յապաղած ծնունդներու շուրջը։ Տարօրինակ՝ պառաւը։ Կը դառնար ու կը դառնար, կը հեռանար ու կը կորսուէր, բայց կատուի պէս կ՚իյնար չորս ոտքերուն, իր հիմնական հոգին վրայ. հոն էր ան միշտ, այսինքն՝ իր օճախին, [412] ժառանգին հսկայ առեղծուածին վրայ, փէշերը տարածած՝ ինչպէս առիւծ մը իր [413] բաշերը։ Համոզե՞լ։ Բայց զո՞վ։ Տասը հարս ալ ունենար, ընելիքը տարբեր պիտի չըլլար։ Ու զօրաւոր էր անմեղութեան շատ յստակ լուսապսակով մը։ Կը հաւատար արդարութեան, մեղքին ու պատուհասին, հատուցման ու քաւութեան, [414] իր գուբին, ու անհամար իր խեր երուն։ Որո՞ւն պարտէզէն թել մը խոտ, որո՞ւն արտէն հասկ մը ցորեն խառնուած էր սա կառոյցին մէջ, որ գործն էր անոր այրի բազուկներուն։ Աստուած գիտէր իր ընելիքը։ Ու անոր լքեց իր կործանումը բառերու այս հոսանքին [415] ։ Բայց խաղաղութիւնը չդարձաւ իրեն [416] ։ Կը տառապէր գուցէ ոչ իր չունեցած կնիկէն։ Հարցուց ինքնիրեն։ Ու գտաւ, որ կը տառապէր իր կնոջը մէջ պոռնիկէն աւելի, ուժով կենդանիէն, ուրիշ խօսքով՝ սեպհական անզօրութենէն։ Թափե՜լ փողոց ինչ որ տեղի էր ունեցեր վերի սենեակին մէջ, ինչ որ դեռ թարմ կատարուած էր քիչ առաջ։ Իրաւացի ու խելացի՝ մայրը։ Մեր դժբախտութեանց մէջ ամէնէն խուսափելին գայթակղութիւնն է, բայց ամէնէն ալ անդարմանելին։ Թափուած իւղն է մետաքսին վրայ։ Զայն գոնէ չծաւալելու մեր ճարտարութիւնը, երբեմն, շատ մը առաքինութիւններ միասին կ՚արժէ։ Այս պրիսմակէն՝ Սերոբին կինը առաջին արժանաւոր հարսը չէ՞ր գեղին։ Ի՜նչ վատ է մտածման մեքենան։ Ինչի՜ [417] եկած էր ան մօրը մօտ։ Ու իջած էր ո՜ւր։ Ջնջուած էին արդէն ամօթին, հպարտութեան բոլոր ասեղները անոր մարմինէն։ Ու վատ էր դարձեալ, այդ ընկրկումին ամբողջ լեղին չզգալու համար ուրիշներու օրինակին ապաստանելով [418] ։ Ու ահա սրբուած, կիրքին յետին իսկ խայթերէն, ինչպէս աղիք մը իւղէն [419] ։

 

-- Ո՞ւր է։

 

Զո՞վ կը հարցնէր պառաւը։ Տղան ետ առնուեցաւ իր մտածումներուն [420] բաւիղէն։ Չէր հասկցած։ Կրկնել տուաւ հարցումը ու գիտէր սակայն պատասխանը։ Առանց կարմրելու հանեց բառերը բերնէն.

 

-- Մօրը տունը։

 

Կարճ եղաւ անիկա։ Կը վարանէր գիշերէն եւ լուսադէմէն պատմել։

 

-- Դո՞ւն ղրկեցիր։

 

Հարցումը կրկին խռովեց զայն։ Անոր հոգին կ՚ակօսուէր ընդդիմամարտ զգացումներէ, թոյլ, օտար, նոր։ Անճշդելի սարսափ մը, առաջին գիծի, որ անհորիզոն կեանքերուն կը վիճակուի, երբ շրջումը գայ գոյավիճակին։ Մարդիկ կենդանիներուն չափ կենդանի են, երբ իրենց տունին հոտին կը շտկին։

 

-- Գէշ բան, շատ գէշ բան ըրեր ես։

 

Ան գրեթէ չլսեց մօրը բառերը։ Յեղաշրջումի, քայքայումի զգայութիւնները ատեն չէին թողուր մտածելու, տրամադրուելու ուրիշ բանի։ Սենեակը լուռ, բայց խռովակոծ։ Դուրսէն՝ կեանքին սայլակը, հեռու ու մօտ, մտերիմ ու օտար, սուտ ու իրաւ։ Դուրսէն կեանքին աղբիւրը, մշտահոս ու պարզ։ Տղաք՝ ամէն յարկէ, դուռէ։ Լաց, ծիծաղ, աղմուկ ու հազ ու անէծք ու օրհնութիւն։ Ճիչ ու ժպիտ։ Ու անոր հոգիին [421] մէջ նոր թուլութիւններ, երազի մը կտաւէն թել-թել սողոսկուն ու թափող։ Ու բաներ, անշրջագիծ, խենթ ու խելօք։ Ի՜նչ արագ էին այս նկարները։ Կրկներեւո՜յթը յոյսին, որ լուսաւորեց ով գիտէ ի՜նչ տրտում մեղքեր անկէ ներս։ Յանկարծ սեւ կմախք մը։ Սողոմն էր, դաշոյնը ձեռքը, պարպուած միսէն, ծառայութենէն, մարդկայինէն, որ կը կոխկռտէր անոր հոգիին արձակութիւնը։ Սարսափէն աւելի անհուն ատելութիւն մը տաքցուց զայն։ Հազիւ պահիկ մը նկուն մտապատկերէն՝ ան կճրտեց ակռաները եւ աղաց անոնց տակ գալիքը, որ փայլակի մը պէս ցաթեց այդ «շան ծնունդ»ին ստուերին վրայ։ Գտաւ ինքզինքը. վատ՝ բայց ամբողջ։ Հարցուցէք դաւաճանի մը, թէ ի՛նչ գոյն կ՚առնէ իր հոգիին, երբ կը մատնէ։ Կնիկին դէմ անկարող անոր կիրքը՝ զայրագին անձկութեամբ մը պիտի կանգնէր Սողոմին դէմ։

 

Գոհ էր այսպէսով, պատահարէն գտած ըլլալուն հարկաւոր միս՝ իր ժանիքներուն։ Միջո՞ցը, թեթեւ քրտինք մը, վախո՞ւն, թէ նոր ու աղտոտ մեղքին հեռանկարէն։ Մայրը, առանց գիտնալու, անընդհատ կ՚աւրէր այս ներքին ոստայնացումը։

 

-- Կոչնակէն առաջ հո՛ս ըլլայ պիտի։

 

Հարսին այս կանչուած պատկերը կրկին չգրգռեց զինքը։ Ընդհակառակն, տեսաւ զայն, հագուած զատկուան զգեստով, փողոցներէն հրաշքի պէս թռելով, գեղեցիկ, խռովիչ ու բախտաբեր։ Ինչո՞ւ զայն այդպէս դուրսը կը տեսնէր։ Ինչո՞ւ չտեսաւ անկողինին մէջ։ Սողոմին ծոցին մէջ։ Դարձա՜ծ տուն։ Անոր հոգիէն հալած ըլլային ամօթին այրուցքն ու վէրքը։ Գեղին համար ամէնէն դժնդակ, անպատուող պատահարը իր տունին վրայ՝ ան զգաց, որ կը հանդուրժէր։ Ու կը հանդուրժէր յաղթական։ Վասնզի անոր ալքերուն մէջ տեղի կ՚ունենար նոր գործունէութիւն։ Ան յստակ պարագրկեց տրամը, որ կը ծրագրուէր հեռուներէն։ Սողոմին պատուհասո՜ւմը։ Ժպտեցաւ։ Բայց հայհոյեց ալ իր գլուխին։

 

-- Սըւոնք կ՚ածիլեմ էյէր (եթէ) անոր քիթէն չբերեմ։

 

Մատովը կտչուլ [422] քիչ մը պեխ էր բռնածը պինչէն։ Բայց գրաւական էր ատիկա արտաքին աշխարհին համար։

 

Մարդիկ կան, որոնք գրչի երկու խաղով կը պարտուին ու թուղթին վրայ կը պառկին։ Քանի՛ կեանքը ծաւալի մէկ ծալքով անոնց ոտքին, ա՛յնքան այդ մարդերը ուրիշ բան չունին քայլքին գիծերէն դուրս։ Մօտեցէք գեղացի միջին մարդուն։ Պիտի կարգուի, հայր պիտի ըլլայ, պիտի աշխատի, պիտի ծերանայ ու պիտի թաղուի։ Այս գլխաւոր հանգոյցներէ՞ն դուրս։ Այո՛։ Ու դժբախտաբար։ Այս մէկը պիտի աշխատի, բայց նման լարուած զսպանակի մը, քառորդ դար, կէս դար, առանց միջակէտի, միշտ աչքը հողին, ակռային տակ՝ հացի մը փշրանքը, ճիտին՝ բեռ մը զաւակ, փորին՝ անկուշտ կրիայ մը։ Անոր համար պիտի չգան գարունն ու աշունը։ Անիկա պիտի չզատուի ջրտուքի անիւէն, զոր ճակատագիրը լծած էր անոր ուսերուն։ Ու պիտի դառնայ։ Հարցուցէք իրեն, երբ ծունկերը կոտրին ու իյնայ ակօսին վրայ, ի՞նչ հասկցար աշխարհէն։ Իր պատասխանը մի մօտեցնէք ունայնութեան քարոզին, որ կեղծ է ու անիմաստ։ Ու ասիկա այսպէս՝ միւսներուն համար։ Բայց մարդերուն մէջ կան Նալպանտենց Սերոբներ ու ձեր կարծածէն ալ շատ։ Անոնք քանի մը խաւ կեանքեր կ՚ապրին ու պատմողը չի կրնար սպառել ատոնց տեղագրութիւնը։

 

Դուք գիտէք, որ դէմք է անիկա։ Բայց լսեցէք աւելին։

 

-– Պետական լեզուն կարդացող ու գրող առաջին մարդն էր անիկա։ Ու ասիկա՝ ոչ դէմի մեծ գեղէն յառաջացած պոլսական կրթութեամբ մարդու մը գիծէն։ Կը խօսուէր այդ պատուական հայուն վրայ հիացումով, որ գայմագամ ներուն դաս կու տար ու կը պաշտպանէր իր գեղին իրաւունքները, գլուխը վտանգող յանդգնութեամբ մը։ Նալպանտենց Սերոբէն գեղի վարժապետին գիծէն, Կիւլտեսթէ ն գոց սորված, կը գրէր ընթացիկ փոքր գրութիւններ, որոնք իրեն շահած էին համակրութիւնը մռայլ քեաթիպներու, յիսնապետներու, բանտապահներու։ Այս համակրութիւնը կշիռ ունէր, վասնզի ժամանակները փափուկ էին։ Հայկական ջարդերը կատարուած։ Թուրքերը, մա՛նաւանդ պաշտօնեաները, սովորական կաշառքին տեղ, որով միայն ընթացք կու տային հայուն խնդրանքներուն, հաստատելու վրայ էին նոր կազմակերպութիւն։ Ասիկա հաւատարիմ հպատակներու զտումը եւ դաւաճաններու պատուհասումը հետապնդող ընդարձակ մարմին մըն էր, պաշտօնական կողոպուտի գերազանց առիթ։ Յանձնաժողով մը, որ քննութեան կ՚ենթարկէր հայ գեղերու ներքին հոգին, երիտասարդներուն հակումները, նախանցեալ տարիներուն յեղափոխականներուն հետ կապ հաստատած քահանաներն ու մուխթարներ [423] ։ Կ՚ուսումնասիրէր եկողն ու գացողը, Հայաստանի կողմերէն պանդուխտ մարդոց վրայ թաթ կ՚երկնցնէր՝ եթէ անոնք գործի մը տէր եղած էին արդէն։ Կը հսկէր վարժարաններուն, ազգային երգերուն, եկեղեցական արարողութեանց։ Յանձնաժողովը հայ սոթտելու, փետտելու այս ազգային պարտականութիւնը կը նուիրագործէր՝ հետզհետէ դրացի գեղերուն թուրք բնակչութիւնը թունաւորելով։ Ու բոլոր այն հարցերը, որոնք ջարդերէն [424] առաջ կառավարութեան դիւաններուն էին ինկած վիճելի հողեր, կալուածներ, անտառներ, արտեր, բայց հազարաւոր արտավար ամբողջ հողամասեր, որոնց վրայ թուրք գաղթականներ զետեղուած էին եւ որոնց տուրքը՝ զրկուած նախատէրերը հարկադրուած էին հատուցանել, փայտի համար սահմաններ, որոնք գեղին կ՚ուրանային իր բնական [425] բլուրները եւ թուրք գեղերուն հատանելի անտառամասերը անհունօրէն կ՚աճեցնէին ինքնաբերաբար լուծուած էին ի վնաս հայ գեղերուն։ Կառավարութիւնը մասնաւորապէս կը շահագրգռուէր զէնքի հարցով։ Գրաւուած էին որսի բոլոր հրացանները։ Արգիլուած էին ատրճանակները։ Բայց ի՛նչ որ անոր մտահոգութեանց ծայրակէտը կը մնար, այն երիտասարդութիւնն էր, որ ջարդերէն [426] առաջ համբաւ էր շահած նշանառութեամբ, մաքսանենգութեամբ ու թուրք գիւղերու մէջ ցոյց բերած քաջութեան արարքներով։ Ասոնք ջանացեր էր խորտակել, զանազան մեքենայութիւններով։ Հանած էր անոնց դէմ թուրք գիւղերէն խումբեր, որոնք հաւու տարմի մը նման տարտղնուած էին դեռ ճակատի չեկած, մինակ մեր տղոցը անուններէն։ Յետոյ ջանացեր էր սիրաշահիլ։ Պաշտօններ պահպանութեան ու աւազակներու դէմ զանոնք վարժելու ատեն կռնակէն սպաննելու ծրագիրներ մնացեր էին անարդիւն։ Այն ատեն անիկա դիմած էր փոքր, բայց ապահով եղանակին, ներքեւ ձեռաց մարդեր պահպանել, որոնք զինքը տեղեակ պահէին գեղերուն հոգիէն։ Ամէն գիւղ ունի այս խեղճ արարածներէն, ընդհանրապէս քիչ մը խօսուն, կարդացող, փոքր արտաքինով, անկշիռ ու քիչ մըն ալ հացկատակ, որոնք իրենց տեղեկութիւնները կը ծախեն շատ աժան, երբեմն ձրի, երբեմն ալ մղուած խօսելու, մեծ խօսելու, շատ խօսելու եղերական պահանջէ, որ զանոնք անհանգիստ կ՚ընէ, եւ գաղտնիքի մը դէմ՝ շլմորուն ու անկարող։ Թուրքերն յաջողութեամբ կը շահագործեն այս տարրերը։ Թուրքերը դարձեալ կը գործածեն միւսները, խառնուածքով ցած, քսու, նախանձոտ ու ծոյլ տիպարները, որոնք մատնութիւնը կ՚ընեն հաշիւով, ներքին բխումով, անգթօրէն ու ճարպիկ։ Դարերէ ի վեր սողալու վարժուած այս ժողովուրդին մէջ այս գիծէ մարդերու առատութիւնը գեղերուն համար աղէտ է հալածանքի շրջաններուն։ Անոնք ծածկուած են հանրութեան նայուածքէն իրենց ոչնչութեամբը, դրամովը, կեղծաւորութեամբը։ Հասկցաք անշուշտ, թէ ո՞վ է Նալպանտենց Սերոբը։

 

Իր անկողինէն փախչող մարդ՝ անիկա սրճարանի ձանձրոյթէն ազատելու համար շաբաթը հեղ մը գիւղէն երեք ժամ հեռու կառավարանիստ գիւղաքաղաքը կամ նաւահանգիստը կ՚իջնէր։ Գո՞րծ։ Դրամ ունեցողին համար աւելորդ է հարցումը։ Անձնական թէ սիրայօժար վերցուած հանրային գործեր ճարտարութեամբ կը պարտկէին այդ այցելութեանց թաքուն երեսները։ Բայց այդ այցերուն ընթացքին անիկա ժամերով կը խօսէր իր շրջանակին մարդոց հետ։ Տարօրինակ կերպով ինքզինքը լաւ ու հաճ կը զգար կառավարական պալատին թուղթ ու բորբոս հոտող ծակուծուկերուն մէջ։ «Սերոբէ էֆէնտի» կ՚ըսէին անոր թթուած տեղակալէն մինչեւ փառահեղ, տարիքով ու մօրուօք փառահեղ աւելածուները։ Ու, մա՛նաւանդ՝ ընտանի, պապենական բարեկամ բանտապահը դրացի գեղէն թուրք մը, որ միշտ սուրճով կը հիւրասիրէր, կը յիշէր հաճի Արթինին ժամանակէն գեղեցիկ ու արու դրուագներ, որոնք ծերուկին շատ հին յիշողութեան մէջէն կը բուսնէին թարմատի ու շնորհալի, այնպէս՝ ինչպէս աւանդուեր էին անոնք իր մանուկի երեւակայութեան, իր հօրը կողմէն, ան ալ բարեկամ թուրք մը հաճի Արթինին։ Բանտապահը անոր կը հրամցնէր նաեւ միշտ մէկ-երկու նոր պատմութիւն, նոր ժամանած բանտարկեալներու վրայով։ Ու Նալպանտենց Սերոբին համար, այդ դրուագումներէն ետքը, խորունկ ու հեշտալից յուզում էր գառագեղին փակցնել իր կանացի դէմքը եւ երկարօրէն դիտել այդ վայրագ արարածները, որոնք, անտարբեր, լիրբ, կռնակնին պատին, կ՚երգէին, կը համբուրէին երգին աղջիկները, կը հայհոյէին ու դաշոյն կը բարտէին։ Ու անոնց երկաթապատ պատեանին իսկ խորէն դեռ նայուածքը չէր ազատած դաշոյններուն սրութենէն ու կրակէն։ Թաքուն զսպանա՞կը զինքը հոդ գամող հակումին։ Ան իր չունեցած առնութեան, ուժին, սերմին [427] անհուն ժայթքը կը փնտռէր այդ գազաններէն ներս, որոնք մեծ մասով կնիկի խնդրով ինկած էին հոդ ու արիւն, մարդու արիւն թափած։ Ու կային վրայ [428], կամացուկ, առանց ատելութեան թռցուցած էին իրենց կիներուն գլուխները սուտ կամ իրաւ կասկածի վրայ։ Ան ի՜նչ մղձուկ յուզումով անիկա կ՚ուսումնասիրէր այդ ճաղատ ու հանդարտ, տարիքով առաջաւոր մարդերը, որոնք չէին մասնակցեր երգին ու աչքերնին փակ կ՚ապրէին։ Անկշտում կը նայէր բոլորին ալ։ Կը պաղէր ատոնց մարմինին, մա՛նաւանդ աչքերուն, արիւնէն առնուած, դեռ երիտասարդութեան առաջին թարմութեամբ ու այսպէս փառահեղ կիրքերով ծիրանաւոր։ Տեսարանին յաճախանքը կը տեւէր շատ, մինչեւ գեղ։ Ու անոր մտքէն դժուար կը ջնջուէր երկաթուած այդ անասուններուն անասելի սարսափը։ Ոչ մէկ հա՜յ, ոճրագործներու այդ բաժինին մէջ։ Ու անիկա զանց կ՚ընէր այցել[ել] [429] բանտին խորագոյն նկուղը, ուր աղտի, քակորի եւ ամոնեագ ի կիզող հոտին մէջ վրայէ վրայ կը դիզուէին իր ազգակիցները, բոլորն ալ կթուելու, հարկի կամ յեղափոխական հեքիաթը ապրող ցոյց տալու պատրուակով հոն ինկած։ Դէպի մատնութիւն անիկա ըրած էր իր առաջին քայլերը, խղճահար ու դառն զիջումներ, ուր մղուած էր անիկա առանց պահանջի, ինքնաբերաբար, մղուած գուցէ կնիկի իր բամբասող բնազդներէն։ Յետոյ էր, որ նախախայրիքներուն վրայ փնտռուած էր թուրքերէն, որոնք իրմէ կ՚առնէին, անփոյթ ու անվճար, իրենց ուզածները, ոչ անշուշտ յեղափոխականներուն վրայով, այլ այն տղոցը վրայ, որոնք յայտնի էին թուրքերուն դէմ իրենց մռայլ ատելութեամբը։ Այն աղաներուն մասին, որոնք թուրքերու հետ լաւ դրացնութեան հեքիաթը կը հեգնէին ու կը զգուշացնէին ժողովուրդը թուրքին ծրագիրներէն։ Օտարականներ պատսպարելու հարցը Սերոբին նախասիրած գետինն էր։ Կ՚ամբաստանէր իր թշնամիները ո՞վ թշնամի չէ իրեն, այսինքն՝ ինք որո՞ւն է բարեկամեցող , հօրը կողմէն ամբողջ Նալպանտենց գերդաստանը, իրմէն փոխ դրամ առած ու վճարելու անկարող մնացած թշուառները։ Բայց մա՛նաւանդ գեղին քաջերը, որոնց հանդէպ իր ատելութիւնը դուրս էր բնականին սահմանէն։ Յեղափոխակա՞ն։ Չէին ատ տղաքը։ Բայց կային, որ գող էին, ու դուք գիտէք, թէ ո՛ւր կը մտնէին եւ ինչո՛ւ։ Իր կնիկէն զգացած վախին մէջ այս կարելիութիւնն ալ կը միջամտէր։ Ու մանրամասն կը զեկուցանէր իւրաքանչիւր տղու շաբաթական գործառնութիւնը, որսերը, փախցուցած ծխախոտի բեռները, զարկած նշանները, պարպած տամէճան ները։ Յետոյ կը վիճաբանէր անոնց հաւանական ծրագիրներուն մասին, յիսնապետին, միւսթանթիգ ին եւ ժանտարմըրի ի հարիւրապետին հետ։ Ու կարծիքը կշիռ ունէր։ Իր այս ծառայութեանց փոխարէն՝ կառավարութիւնը երբեմն կը վարձատրէր` ի նպաստ գեղին լուծելով Նալպանտենց Սերոբին միջոցով կատարուած դիմումները։ Պարտքի, պետական հարկի եւ ուրիշ մանր-մունր բաներու համար տարապարտ բանտարկուածները կ՚արձակուէին ու կ՚օրհնէին Սերոբէ աղան։ Այսպէսով էր, որ ճղճիմ, գաճաճի մօտ իր հասակովը, անսերմ իր ողնուղեղովը, անկրակ իր սիրտովը պաղ այդ զաւակը կը քշուէր դէպի աստիճանները գեղին մեծաւորներուն։ Ոչ ոք մտքէն կ՚անցնէր կասկածիլ անոր մէջ ստոր մատնութիւնը։ Թուրքերը դեռ նոր կը սկսէին իրենց ապագայ ցանցին, որ Համիտի վարչութեան հսկայ մեքենան պիտի ըլլար, Պոլսէն դուրս։ Նալպանտենց Սերոբը բարձրաձայն կրկնեց իր սպառնալիքը.

 

-- Սըւոնք կ՚ածիլեմ՝ էյէր անոր քիթէն-պինչէն չբերեմ։

 

Մատովը նոյն կտչուլ [430] պեխն էր բռնածը։

 

Թուքով, անկանգնելի կարծուող կործանումով սկսած այս ճակատումը ժամէն քիչ միջոցի մէջ կը վերածուէր թոյլ ու բնական հաշտութեան մը։ Ո՞վ՝ յաղթականը։ Ի՞նչ հարկ այս ճշդումին։ Ուշագրաւ էր, որ բուռն տագնապին ամբողջ տեւողութեանը երկու կողմն ալ զգուշաւոր եղան մօտենալու Նալպանտենց հարսին։ Ան՝ վերապահ ու կարծես ներողամիտ հաւանութեանը կ՚արժանանար մօր ու տղու այս պայքարին մէջ։ Մայրը եղաւ ճարտար, հեռուէն, հեռուներէն պտտող, ու եթէ չպաշտպանեց՝ գոնէ՛ չտապալեց ալ իր հարսը։ Ասիկա աղաղակող նորութիւնն էր տագնապին։ Կեսուրները պարտաւոր էին, երդուած էին տասնապատկելու իրենց հարսներուն ամէն արարքներուն իմաստը, եթէ անոնք ծուռ մեկնութեան մը ընդունակ ներկայանային։ Հասարակաց այս ճշմարտութիւնը տիրական էր ու անդիմամարտ։ Պառաւը չհանեց բերնէն ոչ մէկ բառ, որ կասկածի տակ ձգէր հարսին հակումները, որոնք գուշակել, գտնել, ոսկեզօծել ու իբր իրողութիւն ներկայացնելը սուտ խօսելէն աւելի դիւրին բան էր անոր համար։ Մունջ եղաւ դարձեալ էրկանը սենեակէն անոր փախուստին բուն շարժառիթէն եւ ուս թօթուեց վճռական միւս յայտարարութեանց դէմ, որոնք տղուն բերնէն կը թափէին գետին։ Բայց ան պարկեշտօրէն վրան առաւ ձեռնարկին կատարուածին ամբողջ բեռը. հնարեց չեղած մանրամասնութիւններ, որոնք հարսին դէմքը կը լուսաւորէին ու ըսաւ սուտեր, բոլոր էրիկներուն այնքան անհրաժեշտ, երբ նման կրակի մը տակ տապլտկին։ Ան փրկեց իր հարսը։ Հաշի՞ւ՝ այս ձեռնածութիւնը։ Էականը ձեւէն դուրս էր սակայն։ Այդ պահուն պառաւին համար կացութեան լուծումը Աղուորին արգանդն էր, ուրկէ կը սպասուէր գերագոյն պատգամը, ա՜ն՝ որ պիտի վճռէր բախտը Նալպանտենց կալուածներուն, տունին, անունին ու ապագային։ Ի՜նչ դիւրաբեկ, դժուար վստահուելիք գրաւական։ Հարսէն մազի թել անգամ շարժելու ատեն չէր։ Ու պառաւը կը ներկայացնէր դարաւոր իրաւունք եւ արդարութիւն։ Ինչո՞ւ Սերոբը ընդունեց ու քաջալերեց մտածման այս դրութիւնը։ Գեղի գործերուն խառնուելէն ասդին անիկա քիչ-քիչ փորձառութիւն էր ստացած կիներու ուժէն։ Եթէ բանտերը հեռանկար մը մնային, բայց հազարներուն, տասը հազարներուն մէջէն հազիւ քանի մը հատ իրենց գլուխը տալու չափ առաջ կ՚երթային։ Միւսնե՞րը։ Այսինքն՝ հարիւր հազարները։ Անոնք կը տիրէին։ Ու այրերը՝ շրջուած գերիները անոնց։ Պէտք է ակնածիլ այդ ուժէն։ Որքան քիչ կոտրուի գինիին փարչը, այնքան շատ կը շահի գինեպանը։ Յետոյ, փառք Աստծո՜յ։ Դեռ ոչինչ կար խռովիչ։ Պառաւը հեռու էր վախնալէ իրերուն ստացած վիճակէն։ Հարսը իր «հունին» բերելը Տիրոջը օգնութեամբը, օրուան մը հարց էր։ Մենաւոր մանիշակին պէս իր տունկէն դեռ աչք իսկ չվերցուցած Աղուորէն ըմբռնելի չէր ընդունիլ ու գտնել «տունէ, տեղէ հեռի» այն ծաղիկները, որոնք Աստուծոյ գերագոյն պատուհասը կը մարմնաւորեն ու հողի հաւասար կ՚ընեն բարգաւաճ, շէն գերդաստաններ։ Տէրը, որ միշտ ալ հասեր էր իր նեղ օրերուն, պիտի չմոռնար իր աղախինը, մա՛նաւանդ անոր անզուգական գուբը։ Մնաց որ, որո՞ւն հարսը լեզուի ինկածներէն յղութեան սրբագրումէն անմիջապէս յետոյ, դանակի պէս չէր կտրած ու նետած մէկդի գայթակղութեան կեղը, ու մտած տունն ի վեր հարսնուկի իր պատմուճանին մէջ։ Կը մտածէր։ Ու քանի՛ կը մտածէր, ա՛յնքան իր դերը ընդարձակ կը տեսնէր։ Ու իր դերը՝ մա՛նաւանդ սանձահարելու գայթակղութիւնը, որ գեղերուն մէջ գրեթէ միշտ աղէտաւոր նկարագիր կը հագնի շատ արագ։ Քիչ ու փոքր փողոցները կը յորդին պատահարով։ Անխուսափելի, հրապարակային կռիւ մը զայն կը ցրուէ, կը հասցնէ մինչեւ խորագոյն նկուղները տուներուն։ Ծերերն ու հաշմանդամները ականջով մաս կ՚առնեն ցանուածէն։ Կոյրերն ու նոյնիսկ խուլերը կը հաղորդուին անոր խռովքին։ Մատ մը տղաք անգամ համ կը ճարեն իրենց պզտիկ պատմութիւններուն, կրկնելով տեսարանին մեծ շարժումները, դերակատարներուն ձեւերն ու հայհոյութիւնները։ Ցնդական թոյնն է անիկա, որուն յաղթահարումին համար հաճի Աննային կտաւէն տիկերն իսկ քիչ կու գան յաճախ։ Ու ատիկա կը զգար փառաւոր պառաւը։ Հաւատքով հաւաքեց ինքզինքը։ Հակառակ հիւանդութեան գրեթէ մահացու նկարագրին՝ անիկա հեռու էր ցաւէն ու բեկումէն։ Ոտքի ելլելու փորձին մէջ միայն զգաց, որ ուժերը անբաւական էին։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ հարսը արդէն տուն կը դառնար։ Սողո՞մը։ Բայց «հոտած», «անօթի», «աւուր հացի կարօտ» այդ տղուն համար շատ կանուխ էր մտահոգուիլ (պառաւը չնեղուեցաւ իր սուտէն, թերեւս անոր համար, որ բոլոր այս պատահմունքներուն մէջ միակ երկիւղալին խենթութիւնն էր Սողոմին, արիւնին ջերմութիւնը, որուն հուրքը բռներ էր տունը հիմերէն մինչեւ կատարը)։ Զայն «թռցնել զառիվարէ մը», ինչպէս կ՚որակուէին հասարակ, բայց արդիւնքին մէջ ապահով, անվրէպ թակարդումները, առաջին պարտքը կը մնար պառաւին, Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ։ Քիչ մը խոստում։ Շատ լոլոզում։ Պողով անուշ բառ։ Մէկ-երկու ոսկի։ Հակառակ պարագայի՞ն։ Մայրը շշնջեց ինչ որ տղան կը մտածէր, բայց կը վարանէր բանաձեւելէ.

 

-- Ողջ ըլլան հիւքիւմէթ ին աղաները։

 

Թուրքերուն ձեռքով Սողոմէն թեթեւնալու այս յստակ ակնարկութիւնը տարօրինակ կերպով սեւ կ՚ընէր խղճմտանքը պառաւին։ Ոչ ոք, Նալպանտենց հաճի Աննայէն դուրս, մտքով իսկ պիտի համարձակէր մօտենալ նման մեղքի մը, յիսունէն վեր պառաւներու շրջանակէն։ Այսպէս, շատ հզօր ոխի մը կուպրին մէջ կ՚ամրապնդուէր այս տարօրինակ հաշտութիւնը, սեւ ու դժպհի այս կռիւէն վերջը։ Սողոմին գլխուն պառաւը դեռ ունէր խաղալիք ուրիշ չուաններ, աւելի մռայլ հէնքերով։ Նալպանտենց պառաւը կը յայտնուէր հզօր, աննահանջ, վճռական, ոչ մէկ խայթէ, ոչ մէկ քայլէ ընկրկող անձնաւորութիւն։ Ի՜նք՝ որ տարիներով տավի (դատ) էր քշած վոհմակ մը անօթիներու դէմ։ Ի՜նք՝ որ «փապուճը թէրս էր հագցուցեր» կարդացուկներուն ու քեաթիպներուն։ Այդ վայրկեանին անոր մէջ սկիզբ կ՚առնէր հոգիի այն սեւախտը, որուն թոյնին տակ անիկա ընդունակ պիտի ըլլար ծոցի հարցէ մը շատ վեր ուրիշ կառուցումի։ Բայց ատիկա աւելի ուշ։

 

Հիմա, խաղաղ ու լուսաւոր, Նալպանտենց խղճմտանքը, մօր ու տղու վրայէն, մտաւ իր պատեանին։ Սերոբէ էֆէնտին կը ժպտէր վերջապէս, երբ կնճռոտ հարց մը շտկրտելէ վերջը [431], ծերերուն սրճարանը թէյ մը կ՚ապսպրէր՝ մռլտալով շարականի կտոր մը։ Պաղ, դաւաճան այդ ժպիտը, որ կը տգեղնայ որձեւէգ դէմքի մը վրայ։ Յետոյ՝ առանց նեղուելու մէջտեղ դրին յղութեան ցանկալի հարցը, որ իր արարողական եւ նիւթական կողմերովը [432] միայն կը շահագրգռէր դաշնակից զոյգը եւ կորսնցուցած կը թուէր իրեն կապուած եղերական դրուագումին ամօթն ու սարսափը։ Ի՜նչ դիւային, տխուր խաղաղութիւն էր ան, որով վարշամակուած էր Սերոբ աղան…։ Առաջ Աստուած, ատ օրն ալ չէր ուշանար։ Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ այս վստահութիւնը։ Ու անոր աչքին դէմ բռնուեցան կրկին այն պատկերները, որոնք ատենին գործածուած էին, հարսին բերնովը, անշուշտ պառաւին ուղեղէն։ Նոյն օրինակները, անունները, թուականները, տուները։ Երբեմն պատրանքը փնտռեցինք, դադրած անոր հաւատալէ։ Ան երեւակայեց ինքզինքը ազատուած սեւ այս պուկի էն։ Տէ՜րը [433], այսինքն՝ իր յաջորդութեանը մէջ իր բոլոր ունեցածին։ Հա՜յրը [434] ՝ մանչու մը։ Հոս իր դէմքը առաւ գարշագին, խղճալի կնիք մը։ Մաշա՞ծ [435] չէր խղճմտանքը ատ անկիւնէն…։ Էրի՜կը [436] ՝ գեղին աղուոր կնիկներէն մէկուն։ Երջանի՞կ, գրեթէ, եթէ շատ պահանջկոտ չըլլանք ու վէպի պէս չնայինք կեանքին վրայ։ Այցելեց յիմարութիւնը կնոջը հետ բախումին։ Բայց ողջ ըլլար մայրը։ Մա՛նաւանդ երկու շարոց ոսկին։ Նոր չէր սորվեր, թէ կիները որքա՛ն տկար են դեղին այդ էակին առջեւ։

 

Բայց օրը օր է վերջապէս։ Եկան դրացիները, գիշերուան պատահածներէն աստիճան մը աւելի հետաքրքիր: [437] Հարցուցին ու փնտռեցին հարսը։ Ծունկ դրին անկողինին մօտ ու չհաւատացին ցաւին լրջութեան։ Ամէն ինչ դարաւոր ու անխախտ փորձառութեանց հետ կապուած է գեղացիին մէջ, ամէնէն շատը հիւանդութիւնն ու մահը։ Կիները մշտապէս ներկայ ամէն ծանր պառկողի հոգեւարքին [438], անոնք բժիշկի մը չափ ստոյգ կը ճանչնան դասական ու մեծ ախտերը եւ վճիռ ունին, գրեթէ անվրէպ։ Մխիթարեցին հաճի Աննան, որուն շունչը հազիւ ազդուած կը գտնէին, մտահոգուելու համար «սրտի ցաւ»էն։ Եկան աղջիկները, թոռները, գործ տեսան, ապուր եփեցին, խօսեցան, խաղացին ու գացին։ Հարսը միշտ կը պակսէր։ Աչքի դարձաւ անոր բացակայութիւնը շատ կանուխ։ Կեսուրը, բազմահնար, ճարեց առաջին սուտը` գիշերուան աքաղաղի պէս անոր պոռալը շահագործելով։ Ան ալ անհանգիստ էր ու ղրկուած մէրանցը։

 

Մինչեւ օրուան կէսերը, հարիւրով ըսուելու չափ շատ այցելութիւններով ընդմիջուած ու միշտ ալ վերաշինուող այդ խորհրդակցութիւնը մօր ու տղու՝ կը լուծէր բոլոր վիճելի հարցերը։ Տարօրինակ չէ՞ր, որ սրբէր մեղքը, իր անծածկելի, ստոյգ արատովը, սրբագրէր մանաւանդ՝ հարսին արգանդը, արդարացնէր ձեռնարկը եւ յանձնէր Աստուծոյ նկատառումին ընդարձակ զոհողութի՛ւնը, որուն կ՚ենթարկուէր պատիւը ընտանիքին։ Այս կսկծագին բզկտումը կը տաղաւարուէր յոյսով, անոր խորհուրդով, որ կը տպաւորէր մայրը։ Նոյն այդ խօսակցութիւնը տուն կը վերադարձնէր հարսը, առանց որ գուգուկն անգամ հոտ առնէր պատահածէն։ Ու վստահ էին, հարստութիւն, գերդաստանին վարկը, Սարեկենց խեղճութիւնը, էֆէնտի ութիւնը փաստեր էին, որոնք լաւատես ըլլալու մղէին զիրենք։ Անոնք տակաւին ծանրացան ուրիշ մանրամասնութեանց ալ վրայ, հետզհետէ աւելի բնական թուացող վիճարկութիւններով, յղութեան հաղորդագրումը, հանրութեան մատուցումը։ Մատաղ։ Մեծադղորդ պատարագ։ Այս անգամ պիտի կանխուէր կարգը չսպասելով հօրը պէս։ Սողոմին ագիին տակ պաղլեղ։ Ի պահանջել հարկին՝ «կաշին խոտ լեցնել» ։ Այս ամէնը հաստատ ու մեծ գիծերու մէջ։ Ուշագրաւ էր, որ բոլոր այս հեռանկար ծրագիրները իրենց պարզ ու դիւրին երեսը միայն մատչելի ընէին անոնց։ Այսպէս, մտքերնուն չանցուցին երբեք յամառութիւն, դիմադրութիւն Աղուորին կողմէ։ Նոյնպէս գայթակղութեան տարածում մը Սարեկենց, Սողոմենց սեմերէն։ Կեանքը կեանք է վերջապէս։ Զայն պէտք է ապրիլ, կ՚ապրին եւ ոչ թէ արիւն ու կրակի կը մղեն։ Ասիկա մտածումն է մեր ամէնուն։ Վէպը, արկածը, ոճիրը հեռու եղանք միշտ մեր հաշւոյն ընդունելէ։ Ու եթէ եկան անոնք երբեմն մեր օրերուն վրայ, եկան երազի մը պէս, որուն չենք սպասեր։ Չայցելեց անոնց խռովքին՝ նոր յիմարութիւն մը Սողոմէն, վասնզի մտովի անոր հանդէպ ծրագրուածը այնքան արմատական էր, որ տղան արդէն անհետացած [439] կը նկատուէր իրենց ճամբաներէն։ Այս վստահութիւնը կ՚ազդէր գործէն ալ առաջ։ Ասիկա կը դիտուի, երբ մեր ցանկութիւնները իրենց ուժը կը չափեն իրենցմէ եւ կ՚ անգիտեն շրջապատը, ուր ուղղուած են։ Շատ զօրաւոր զգացում մը մեզ կոյր կ՚ընէ նոյնիսկ մեր ընդունակութեանց, տարողութեանց վրայ։ Եթէ դէպի հերոսութիւն աս է ճամբան, բայց դէպի հիմնայատակ կործանում ուրիշ ալ չէ։ Չորս աչքով պիտի հսկէին շաբաթին վրայ։ Յղութեան ստուգութիւնը մեկնակէտը պիտի դառնար նոր կարգադրութիւններու։ Երբ սրճարան մեկնելու համար զատուեցաւ մօրմէն՝ անիկա մտած էր լաւագոյն օրերու տրամադրութեան մէջ, էրիկմարդու պատեանին մէջ ու գէր պուկը ուռեցնելով, հազացած ատեն ոտքին տակ տախտակները կը ճուացընէր։ Ու գոհ էր ատկէ։ Պառաւը առանց ոտքի կարենալ ըլլալու, ծալած էր անկողինը, թոռնիկը վազցուցած խնամի Սարեկին, տեղաւորած սենեակը, գրեթէ նստուկ, մէկ ձեռքովը հեռուէն սիրտը հսկելով։

 

[440] Եկաւ խնամի Բաբէթը ` մռութը կախ, «պէթը պէնչը» [441] թռած, ակռաներէն կափկափուն, ձեռուըներով ծունկերը ծեծելէն։ Վաւերական մեռելի մը դէմ արտայայտութիւնը շատ տարբեր պիտի չըլլար։ Ինքզինքը ամիսներէ ի վեր մտապատկերած սա վիճակին մէջ զետեղելով՝ կարծես սնափառութիւնը ունէր իր խելքն ու հոտառութիւնը հաստատելու։ Այս յուզումը չազդուեցաւ հաճի Աննային խիստ լուացքէն, որ հակադիր բեւեռէ մը անյատակ լաւատեսութիւն կը բերէր ու սուտ կը հնչէր։ Աւելի՛ն. անոր սարսափը աստիճան մըն ալ կը խորանար այն չեղածով, «գալիքով», որ պսակումը կ՚ըլլար այս ամէնուն։ Ի՞նչ։ Որոշ չէր գիտեր։ Բայց համոզուած էր անոր գալուն։ Լացաւ, հեղձամղձուկ, ամօթահար, ճակատագրական այն լացը, որ հարուստն ու աղքատը մէկ կ՚ընէ կեանքին կարգ մը ժամերուն։ Չտուաւ հարցում, բարձր աչք։ Չուզեց բացատրութիւն, լոյս, փաստ, խրատ, որոշում։ «Կործանո՛ւմ»։

 

Միջամտեց հաճի Աննան։ Ան ոչինչ սրբագրեց։ Բայց դատեց կացութիւնը իր կշիռովը։ Յիմարութիւն չէ՞ր այդպէս փէշերը բաց, ջահով ու աղմուկով վազել վտանգին դէմ։ Ի՛նչ շահ արցունքէն, ծունկ ծեծելէն։ Ի՞նչ էր վտանգուածը մինչեւ սա րոպէին։ Ո՞վ ունէր լուր եւ ի՞նչ բանէ։ Առաւ վրան ձեռնարկին ամբողջ բեռը։ Իր աղջիկին գործն էր ազատել մայրը ամօթէն։ Այս խաղաղութիւնը, լաւատեսութիւնը, արդիւնք մօր ու տղու երկարատեւ խորհրդակցութեան, իմաստալից էին Սարեկ խնամիին համար, որ դատումին այս ձեւէն զգաց, որ հաճի Աննան քիչ գիտէր։ Այն ատեն, չունեցած խելքովը ան դատեց նորէն Նալպանտենց տունին տրամադրութիւնը իր աղջկան հանդէպ։ Իր սեմէն ելած ատեն՝ անիկա խորհած էր շատ մը կարկուտներու, բայց երբեք աղջկանը հոգիին, որ էրիկին, ոսկիին, հանգիստին, եղին ու մեղրին հոմանիշ է միշտ։ Անիկա գրաւուած էր ուրիշներուն ըսելիքովը, ուրիշներէն լսելիքովը, գայթակղութեան ուրուականէն, որուն սանձազերծումին մէջ անոր պարկեշտ բնաւորութիւնը չէր կրցած հերքել իր բաժինը, [442] մօ՛ր բաժինը։ Ու տեսած էր աղջիկը, գեղին ծամոց, բոզերու գիծին, դարձուած մէրանցը տունին, այսինքն՝ ողջ գերեզմանումին, ամօթի այն անողոք թելաւորումին (քողաւորում), որ պզտիկ միջավայրերու հզօրագոյն պատուհասն է դէմ հանուող [443] ամէն շեղումի։ Բայց զգուշացաւ այդ ամէնէն ոչինչ խօսելէ։ Չխօսեցաւ կրկին Աղուորին ալ վրայ։ Ինքզինքը հաւաքած՝ ան լսեց ուշադիր ու հլու, հաճի Աննային բոլոր թելադրութիւնները, անոնց ներքին խանդը դիմաւորեց հաճոյքով։ Աւելորդ անգամ մըն ալ զգաց, թէ այսքան մռայլ ու դժնդակ պատգամախօսութեան ընթացքին որքա՛ն աղքատ կ՚իյնար ինք բռնուած մօտիկը ամենազօր խնամիին։ Ի՜նչ չնչին էր իր կամքը՝ եղելութիւնները վարելու ու «գործ» մը կարգադրելու ճամբուն մէջ։ Մեծցաւ հաճի Աննան, հաճի խնամին, որ կը բաւէր, կրնար բաւել ամբողջ գեղին, եթէ պէտք ըլլար դրացի գեղերուն, նոյնիսկ մեծ քաղաքին։ Սրտապնդուած, կազդուրուած իջաւ վար, տուն, խոստանալով Հայր մեր է [444] մը ղրկել Աղուորը։

 

Մօր ու աղջկան ճակատումը եղաւ նոյնքան դառնակսկիծ։ Զարհուրանքը փուշ-փուշ ըրաւ Սարեկին մազերը, երբ անոր աղջիկը, առաջին իսկ բառերէն, յայտարարեց՝ ամբարիշտ ու հաստատ.

 

-- Ամէն մարդ թող խառնուի իր անկողինին…

 

Փողոցի վրայ թշնամիին գլխուն կործուած աման մը նախատինքի պէս լիրբ ու վճռական էր շեշտը։ «Գառնուկ» Աղուորը մեռած էր ընդմիշտ ու տեղը կ՚անցնէր հզօր, իր ուժին, գեղեցկութեան, երիտասարդութեան գիտակից կինը։ Ա՛ն՝ որ գեղերուն մէջ հազուադէպ ըլլալուն պատճառով եղերական կը դառնայ։ Մայրը անծանօթ մնացած էր այս փոփոխումին։ Ան չէր գիտեր, թէ Նալպանտենց հարսին մէջէն կը խօսէր Նալպանտենց հաճի Աննան` երիտասարդ ու վճռական։ Իր առջեւի ամբարտաւան կինը արարածն էր հինգ տարիներու հսկողութեան, քարոզին, զրկանքին… ու սրբազան շաբթուան մը։ Պարապ տեղը չէ, որ անոր շրթները անընդհատ փսփսացած էին նշանաւոր նախադասութիւնը՝

 

-- Ի՞նչ ընեմ ես ալն ու ադլասը։

 

Ի՞նչ ընէր ան քիրմանի շալը, ինչպէս կ՚ըսէր սուզուած [445] երգէն վերապրող այս փշուր պատկերը, որ առածի կարգ էր անցեր։ Իր ուզա՞ծը [446] ։ Բայց ինքը գիտէր։ Ուրիշներ…

 

-- Տասը փարային գլօխ ն է ամէն բան…

 

Հզօր ու սարսափելի սպառնալի՜քը։ Տասնհինգ օր չկար, որ թաղած էին Փէհլիվանենց հարսը ` գեղին ամէնէն քնքուշ ու գառնուկ հարսներէն։ Տասը փարայի մկնդեղով վերջ տուած էր կեանքին, երբ ստիպեր էին զինքը վերադառնալ մէրանցը։ Ու անոնց կռիւը հարս ու կեսուրի կռիւ էր, այսինքն՝ ընթացիկ, պարզ, գրեթէ բնական կռիւ մը։ Թնդաց գեղը։ Լացին բոլորը, մա՛նաւանդ երիտասարդ հարսները։ Շաբաթ մը ամբողջ սուգ ու շիւան յորդեցան գերեզմանէն։

 

-- Տէ՜ր, դուն ողորմէ…

 

Հազիւ կրցաւ շշնջել շանթահարուած Սարեկը։ Անոր այնպէս եկաւ, որ աղջիկն ալ պառկած էր առջին, կապուտցած շրթներով, բզիկ-բզիկ եկած միսերուն խորունկէն, որոնք անոր դէմքը ըրած էին կրակի վրայ բռնուած ու փոթաւոր կաշիի կտոր։ Մազերուն դեղնութեան հետ կազմելով սրտառուչ հակապատկեր, ուր ապաստանած էր անոր շնորհը, դեռ խօսքի նիւթ թաղումէն ետքը։ Դարձաւ քանի մը անգամ կրունկին վրայ, դասական շուարումին իսկ անկարող, իբր թէ փախցնելու համար զարհուրելի մղձաւանջը։ Յետոյ դողալ առին մատները, պաղ ինկաւ սիրտը ու մօտ էր նուաղելու։ Անհոգ՝ անոր աղջիկը անցաւ սենեակին միակ պատուհանին առաջ ու կը նայէր, սառած, աղուոր լճակին, աշնանագեղ ցերեկով, թեթեւօրէն ներկուած կաթի կոնքի մը պէս, բլուրներու գոգին, հեռաւոր ու կախարդ, ուր երիտասարդ մահեր կը քնանային։

 

-- Էս ան տունը ոտք չեմ կոխեր։

 

Միշտ միօրինակ խստութեամբ, որմէ շիւղ մը բան փրցնելը չենք յուսար, ու կամակոր գլուխով, որ ետ նետուած ատենը ժխտումի համար սարսուռն ու կիրքը կը փոխադրէր մազերուն ալիքին՝ անիկա սպառնաց, տակաւին այս գիշեր իսկ, կարգադրել հաշիւը իր սրտին։ Պահանջեց, որ մինակ ձգէին զինքը։ Հարսները, այսինքն՝ աղբրտանցը կիները, փոքր ու տխուր դէմքերով կը վախնային նախ իրենց զգեստներուն հաշւոյն, սա շքեղ տիկինէն, որուն կը վայլէր միսը, ինչպէս ադլասը եւ որուն աղուորութիւնը անպարփակ լոյսի մը նման կը բացուէր խեղճուկ պատերուն ու նախանձախառն պատկառանք կ՚ազդէր անոնց չորցած հարսնութեան։ Անշուշտ ոչինչ կրնային գիտնալ ողբերգութենէն ու մտքով՝ վայը կու տային սա անխելք աղջկան, որ ձգած Նալպանտենց էլմաս ն ու ոսկին՝ կու գար մուր կապելու սա շուներու խշտիին մէջ։ Մայրը պարտուած, խենթեցած, մամուկը կապել իսկ մոռնալով կսկիծէն, շունչը առաւ ժամ։ Աղերսարկու՝ հերթապահ քահանային ծանր հիւանդի մը համար յանձնարարեց եօթը գլուխ Աւետարան, «պինդ»երէն, որոնք քարը խմորի պէս ջերմ ու հասկցող կ՚ընեն։ Անուն չտուաւ, բայց զգաց քահանային խորհրդաւոր լռութիւնը, որ երբեմն գաղտնիքին հոսումն է մենէ դուրս։ Խեղճ կինը չէր գիտեր, թէ մէկ գիշերը բաւական եղած էր աղջկանը հիւանդութիւնը, «խորոզի պէս ոռնալը» հասցնելու գեղին սեպհականութեան։

 

Այս մասին, քողաւոր բառերով հարցուցին անոր սանկ-նանկ կիներ, ճամբու ընթացքին։ Պատասխանեց անոնց սրտառուչ տգիտութեամբ մը։ Գտաւ հաճի Աննան աւելի քան անձկալից, բայց երբեք նկուն։ Պատնէշին վրայ էր մեծանուն պառաւը։ Ըմբռնեց ան կացութեան լրջութիւնը։ Թէեւ հեռու գուշակելէ Աղուորին հոգին հիմն ի վեր շրջող փոփոխութիւնը, մա՛նաւանդ ուզածը՝ անիկա բնազդով ուղիղ ճամբու վրայ դրաւ դէպքերուն սայլը։ Ապահով իր տղէն, կնճռալից հայեացքով մը խորունկներէն փնտռեց միջոցը, յուռութը, որ ազդէր հարսին հոգիին։ Այս փնտռտուքը, որ շուարումի այնքան քիչ երանգ ունէր, եղկելի բանի մը վերածեց խնամի Բաբէթը, որ ծունկի, արդէն սկսեր էր թափել։

 

-- Խելքէ պակա՛ս։

 

Նախատեց խնամին որ [447] մանրացաւ ինքն իր մէջ։ Յետոյ իսկոյն, առանց ատեն ձգելու, որ Սարեկը ծանծաղի իր ողբուկոծին մէջ բառերով ալ.

 

-- Շո՛ւտ տուն։

 

Տուն կը ղրկէր մամածակ [448] խնամին։ Այդ փայլակի պահուն արդէն գտած ու անուանած էր հիւանդութիւնը։

 

-- Խոցտուկ [449] ըսես պիտի ամէն հարցնողի։

 

Տիրական այս գիւտը, որ հետաքրքիրներուն կզակները կը կարկէր, չունեցաւ հարկաւոր արձագանգը Սարեկին կործանած նաւուն վրայ։

 

-- Անկողի՛ն փռէ։ Թող պառկի՛։ Լեզուն պի՛նդ, ջաղցի սեմին պէս։

 

Իրարու վրայ այս կտրուկ հրամանները իրենց այդ շեշտովն իսկ հասան իրենց նպատակին։ Երբ հոգին քակուած է հունէն, թեթեւ հովն իսկ հեղինակութեան կ՚անցնի հոսանքին վրայ։

 

Խնամի Սարեկը դուրս ելաւ Նալպանտենց տունէն, յօնքերուն վերեւ տասնական լեռ դիզուած ու, սիրտի դուռին՝ երկաթ մը։ Անոր պարզամիտ ուղեղին համար վտանգը ուղիղ գիծի կը հնազանդէր ու մարդերուն միջոցները անզօր էին անոր ընթացքին։ Ասիկա իմաստասիրութիւնն է բոլոր միակտուր ու անխարդախ հոգիներուն։ Ճշմարտութեան, արդարութեան վրայ հաւատք մը անոնց անհրաժեշտ տարրը, միջավայրը, գոյահեղուկը կը մնայ։ Անգամ մը փրթած փոթորիկը, իր կապերը փետտելէն ետքը, որոնք աւանդութեան, պատիւին, օճախին սրբութեան կծիկներէն իջած էին վրան, կը փչէր, պիտի փչէր։ Որքան ուժ եւ ամրութիւն՝ խեղճ իր տունին, աղջկանը քամակին՝ դէմ տալու համար աստուածահաս պատժին։ Երբ բարձրացաւ համեստուկ իրենց սանդուխներէն, սենեակները խաղաղ էին։ Թոռները կը խաղային պուպուկ [450] զգեստին հետ Նալպանտենց հարսին։ Երկու կին` հարսները խնամ[ան]ի [451] Սարեկին, շրջապատած իրենց աղուորիկ տալը, կը խօսէին հիացիկ, երկիւղած։ Անոնց քաղցր անգիտութիւնը սրտառուչ բան մը կը նետէր տեսարանին։ Բայց աւելի յուզիչը պզտիկ, ձմերուկի գլուխով մանչուկն էր, որ ձգած իր մայրը՝ վազած էր աղուոր կնիկին, նստած ծոցին, անանկ անուշ, անանկ գառնուկ, անանկ բնական, որ մարդ կը վարանէր արգանդի կապ [չ]տեսնել [452] երկու օտար այդ էակներուն միջեւ։ Սիրազեղ այս պատկերը ըրաւ, որ մայրը խշխշար [453] ու քիթը բռնէր։ Կը զգա՞ր Աղուորը իր պատճառած յուզումը։ Մատները մանչուկին մազերուն մէջ, աչքերը հեռու, անոր դէմքը կծկուած էր գոցուող երկինքի մը նման, որուն մէկ մասին արդէն սեւը կը տիրակալէ, երբ հոս ու հոն դեռ լոյսի եւ կապոյտի բեկորներ կը յամառին, վերջնական պարտութենէն առաջ։ Անիկա խելօք էր սա պահուն։ Մեղքնալուն թէ ուրիշ զսպանակէ՝ ան հետեւեցաւ մօրը, [454] մեկուսանալու համար տունին հին, մօրը վերաբերող սենեակը։ Չհարցուց իսկ, թէ ինչո՛ւ անկողին կը փռուէր։ Անոր աչքին պատկերները կը շինուէին, բայց չէին բռնանար։ Ի՜նչ խօսած էր կեսրոջը հետը։ Կը դառնար հարցումին շուրջը, բայց կը ծուլանար ընելու։ Տեսաւ, որ անկողինը աւարտելէն ետքը մայրը նայեցաւ իրեն, աղաչաւոր ու խեղճ։ Իրականութեան հետ այս աստիճան կապ կտրելը բացատրելի չէր իրեն ու հիւանդի անկողինը հանելուկ մը։ Ինչպէ՛ս մտածէր անիկա, թէ հոգին ալ իր հոգեւարքը [455], մահը ունի, ու կը թաղուի երբեմն։

 

Օրը իրիկուն կ՚ըլլար։ Շատ բաներ անցան ու դարձան, մեծ մասով սովորական, ուրիշներ, [456] քիչ՝ անսովոր, հասնելու համար գեղին միջին խղճմտանքին։ Նալպանտենց տիկինին հիւանդ թաթը տէր մնաց կացութեան։ Գեղացին հոտուըտաց, կռահել կարծեց, քանի մը մասնիկ բան կշռեց իր բամբասանքի զգայուն նժարիկին մէջ, գրեթէ պտտեցաւ իրականութեան շուրջը, բայց չհասաւ անոր։ Բազմաբեղուն իրենց ենթադրութեանց մէջ դռնառաջքի ժողովքները չկրցան տարազի կապել փսփսուքը եւ ողջունձեւել գուշակուելիքը։ Կատարուածին խելքէ դուրս անսովորութիւնն էր թերեւս պատճառ, որ դրացիներուն թարմ ու սուր զգայարանքները, այնքան անվրէպ՝ ուրիշներուն տուները, ցաւերը թափանցելու ճամբէն եւ որ պատահարն ու պատահելիքը հեռուներէն կը պատգամէ զարմանալի ճշդութեամբ, մնացին լուռ ու չունեցան ցուցմունք։ Գեղացին այս վրիպանքը քանի՛ անգամ ունեցեր էր այդ վարագուրուած տունին համար։ Անիծեցին պատերը, որոնք անթափանց եղան կրկին։ Դուրս ինկած մասերն ալ քիչ նպաստ չբերին պառաւին։ Չէին պարտկուեր զոյգ հիւանդութիւնները։ Հարիւրով ականջ լսած էին Աղուորին ճչալը։ Հաճին [457] չէր կրցած ոտքի ելլել։ Ու ճարտարութի՜ւն։ Պառաւը իր դիմախաղով արգիլեց, որ հետքեր իյնան գիշերէն։ Ու ամբոխին բողկուկները, այնքան ուշադիր ամէն սողոսկումի, չհասան իրողութեան։ Նոյնիսկ ներսի ձայները, իբր [458] անորոշ մրմունջ կ՚իյնային դուրս, հաստ պատերէն նուաճուած, Նալպանտենց Սերոբին հսկայ զայրոյթէն, Սերոբին, որ «կուտ կ՚ուտէր երկինքը կ՚ելլէր», ինչպէս կը խօսի հնօրեայ առակ մը, ճաշակ մը տալու համար հարուստ ու ամբարիշտ բարկութենէն, որով բարկանալ կը ծախէին գեղին ջոջերն ու ազդեցիկները, քաջերն ու լիրբերը։ Պոռալ, ձայնը քառապատկել։ Պատուհաններէն կախուիլ ու դարձեալ պոռալ։ Նալպանտենց Սերոբը կ՚ընէր ատոր մեղմը, մօրը դիմաց, որ միշտ լուրջ, միշտ խելացի ամէն վայրկեան յեղյեղեց.

 

-- Կամա՛ց, կամա՛ց, կամա՛ց։

 

Ան զսպեց, ու հաւկիթի ճերմկուցի պէս կճեփէն [459] դուրս թափեց տղուն անժամանակ եռանդը, գիշերով իսկ, ձին եկածին պէս դիմելու կառավարութեան։ Չէր խորհեր, թէ ի՛նչ ունէր հանելիք Սողոմին դէմ։ Պառաւը դատեց մտածումը [460] աւելի, քան խելքէ դուրս։ Ի՛նչ հարկ գալիքին ընդառաջ վազել այսքան կանուխ։ Մինչեւ էտինք, կարելի է աւելցնել մինչեւ կոչնակը՝ անիկա լրիւ վստահութեամբ մը վարեց երկու տուներն ալ։ Սարեկենց բանակէն անիկա պահանջեց միայն ու միայն լեզու ։

 

-Ձիգ՝ լեզունիդ։

 

Կ՚ըսէր ու կը կրկնէր։ Պարտաւոր էին ամուր պահել։ Խնամի Բաբէթը պէտք իսկ չունեցաւ այս թելադրութեան։ Աղուորը՝ հպարտութիւն թէ ամօթ, կը մերժէր խօսք ու լսել [461] ։

 

Ուրախ էր պառաւը։ Կոչնակէն յետոյ, առանց որ պատճառ կենար, ինկաւ անոր վստահութիւնը։ Չէր համոզուած, բայց աղօտակի կը զգար, թէ սեւ բան մը կը սաղմնաւորէր գիշերին արգանդէն։ Անոր այս հոտառութիւնը կը կազմէր անոր յաջողութեան բացառիկ զգայարանքը, որ շնորհուած է շատ քիչերու։ Ուրկէ՛ կը վախնար։ Մտքէն անցաւ ձին, դարձած։ Առանց հաստատ տուրքի, նոյնիսկ պատասխան չունենալով տղուն բացատրութիւն ուզող հարցումին՝ ան ղրկեց Սերոբը մեծ աղջկան տունը։ Պատրուա՛կ՝ քաղքէն դարձին սովորուած այցելութիւնը։ Յայտնի էր, որ կ՚ուզէր մինակ մնալ Սողոմին հետ։ Ի՞նչ բանի պիտի գործածէր այս առանձնութիւնը։ Յստակ չէր ասիկա անոր մտքին։ Յատկանշական էր, որ Սերոբը ճամբելու ատեն՝ ան կորովով ապահովցուց զայն։ Այս գիշեր իսկ հարսը տունը ըլլար պիտի։

 

-- Սողո՞մը։

 

Տղան էր, որ բակէն դարձեր, կեցեր սեմին ու կը հարցնէր դժուար անձուկով։ Ինչո՞ւ երկուքը մէկ ծառային խորհած էին այդ վայրկեանին։

 

-- Դուն գնա՛ ճամբադ։ Ձգէ ինծի ամէն բան։

 

Ուրիշ ի՞նչ կրնար ընել երբեք ինքզինքը չեղած Նալպանտենց Սերոբը։ Գլուխը կախ հեռացաւ։

 

Ու տունը մտաւ ընդարձակ ու բազմամասն լռութեան մը մէջ։ Արեւի վերջին ծեփն ալ սեւաւորուեցաւ դէմի հինայուած սարերէն։ Տախտակները, ոտքին տակ, առին գորշ փայլ մը, կարծես մեծ մեռել մը ելած ըլլար անկէ։ Ի՜նչ շուտ ու լրիւ կը փոխուի մթնոլորտը վիշտի մը փայլակէն։ Միտքերնիդ բերէք այն օրը, պահը, երբ ծանր հիւանդութիւն մը ձեր սենեակները անշնչելի, անբնակելի ըրած է։ Հաճի Աննան կը հրուէր բազմութենէ: [462] Բայց այս պրկումներէն աւելի, որոնք կը թափանցէին իր արդէն վիշտին խոփովը հերկուած հոգեդաշտին՝ անիկա կը վախնար դժուար ու մշտական իր վախը, պակաս մնացած ու աւարտումին դիմող աղէտի մը յստակ սպառնալիքը, որուն դէմ իր անզօր ըլլալուն գիտակցութիւնը պատկերին կու տար դառնագոյն նոթը։ Ինչպէ՛ս կը հաղորդուինք եւ, մա՛նաւանդ՝ կը հաշտուինք այս կէս, չեղած զգայութիւններուն։ Կու գան հաւի մը խօսքէն, գերանի մը ողբէն, կատուի մը լեզուէն, որ թաթ կը լզէ։ Կու գան աչքի, մատի խաղերէն։ Կու գան «սարէն ու ձորէն»։ Կրկին փռեց իր անկողինը։ Ցաւ չունէր սակայն։ Կ՚ընէր այսպէս մութ բանի մը հաշւոյն, որ տակաւին գոյն ու գիծ չունէր իր մտքին մէջ։

 

Ու մեծ, աղուոր, մետաքսով ու ոսկիով յղփացած տունը կը նմանէր ճմռկուած, բզիկ-բզիկ խլեակի մը, նետուած մեծ փոթորիկին մէջ, ամայի ափունքի [463] ։ Հարիւրաւոր տանիքներ կը դադրէին, հոգիի՝ ինչպէս աչքի համար, ուրիշները [464] հետաքրքրելու։ Մարդիկ կը դառնային իրենց։ Սեպհական վայելքը, ճիշդ պիտի չըլլա՞ր ըսել ցաւը, կը լեցնէր սիրտը ամէն տունի ու կը յորդէր ամէն տունի ծխանէն։ Ու այդ ափունքին, այնքան մինակ, այնքան հեռի, դեռ կը թրթռար փոթորիկին շունչը, արեւմուտին հետ ինկած քիչ մը իր ուժէն։ Բայց ինչպէս որ կը պատահի շատ յաճախ, ծովը իր բացին խորերէն մռայլ զանգուած մը, ցից՝ ու ճամբայ ինկած [465] ։ Ուրիշ չէր պատկերը Նալպանտենց տունին վրայ։ Ի՞նչ պիտի բերէր գիշերը։

 

Յոգնած, ջլատ էր անիկա մենութեան եւ ամբոխման իրերյաջորդ այս յուզումներէն։ Աղօթեց ջերմ, հաւատաւոր։ Իրմէ՞ վեր ուժերու գլուխ կը ցցէր, թէ կը ծռէր։ Մարմնական իր ցաւէն քիչ բան կը պտտէր տակաւին, սիրտին շուրջերը, կամաց-կամաց, զգոյշ կարկինով։ Բայց հոգին, ջերմահար ծունկի մը նման, կը կծկտէր ինքն իր մէջ` վախնալով շարժումէն։ Հոգեկան այս նուաղումը միշտ կապ չունի մեր սպառումին հետ։ Կամքի, ներքին գոյացութեան կազմալուծումն է անիկա, որ մեր մարմինը մինակ կը ձգէ արտաքին գուպարին դէմ եւ մեզ կ՚ընէ գերին մեր իսկ ջիղերուն։ Մեղմացուց ինքզինքը։ Աւելի ու աւելի դառն էր վայելքը սուզուելու խորը այս հոգեկան անգայտացումին։ Լքեցին զինքը, ոչ բոլորովին, այն լարերը, որոնք կեանքը կը ճարէ մենէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի անոնցմով կառչած մնանք մեր պատրանքներուն։ Տուէք այդ լարերուն ի՛նչ անուն որ կ՚ուզէք, ըսէք զանոնք, աւանդութիւն, նանրամտութիւն, սուտ, սէր, ատելութիւն։ Զետեղեցէք անոնց տակ այն ամէնը, զոր կ՚ընենք շատ անգամ ուրիշներու սիրոյն, ու երբեմն՝ մեզի համար։ Այսպէս կը պարպուէր անոր հոգեկան դաշտը [466] ու անիկա այդ ակօսումէն կը հաղորդուէր վիշտ ըսուած բանին, զոր կը նկարագրենք այնքան խնամքով ուրիշին վրայ, կը կրենք սուգի զգեստի մը պէս. այսինքն՝ ցոյցի համար, բայց կ՚ապրինք քիչ անգամ։ Քառասուն տարի կար, որ պառաւը նման կսկիծէ չէր յիշեր անցնիլը։

 

Ոտքերէ հանգչած տունին մէջ, պառաւը խունկ ծխեց։ Ինչո՞ւ կը կանչէր մեռելները, երբ օրը չէր շաբաթ։ Յօրանջեց ու լացաւ։ Բայց կը վախնար ու կը փնտռէր։ Սողո՞մը։

 

Ու մինչեւ անոր գալը, այսինքն՝ քանի մը վայրկեան յետոյ, ծուխին մէջ քաղցրացած հին տունը կը թօթափէր կարծես իր ոճրային կեղեւը, կը դառնար իր պարզ իմաստին, ուրկէ ոչ մէկ խռովք ըլլար անցած։ Ու կը դառնար խաղաղ խորութիւն մը, ընդմէջ երկու հսկայ ալիքներու։ [467]

 

 



[1]            կողմէ, սրբագրուած՝ կողմէն 

[2]            sic ձեռագիրը՝   աղցանի ?  արձանի ?  -  

[3]            յաւելում ստորակէտի

[4]            յաւելում ստորակէտի

[5]            վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[6]            դաշտի, սրբագրուած՝ Դաշտի

[7]            sic ձեռագիրը՝ մազին ?  ( մազէ ?)

[8]            անգամ, սրբագրուած՝  անգամն  

[9]            յաւելում պակսող բառի՝ աղտոտութիւն մը

[10]          Պատուուած, սրբագրուած՝ Պատռուած

[11]          կրկնուեցաւ, սրբագրուած՝ կրկնուեցան

[12]          sic ձեռագիրը՝ կ՛այրէր

[13]          յաւելում պակսող բառի՝ որ

[14]          sic ձեռագիրը` ինչպէս նոր...  (յաւելում բառի՝ երբ ?)

[15]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[16]          փախած, սրբագրուած՝ փակած

[17]          ասպանդակէն ? ասպանդակին ?

[18]          էր կարծեր, սրբագրուած՝  կը կարծէր  

[19]          յաւելում պակսող բառի՝ գետնի

[20]          յաւելում ստորակէտի

[21]          sic ձեռագիրը՝ ներքին [ ներքեւ ? ]

[22]          յաւելում պակսող բառի բերեր 

[23]          տէրը, սրբագրուած՝ տէր

[24]          արիւնի, սրբագրուած՝ այրումի  

[25]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[26]          չկա՞յ, սրբագրուած՝ չկայ

              [Ծնթ. - Հասկնալ՝ Քիչ առաջ եկայ - մէկ-երկու վայրկեան առաջ... ]

[27]          Ծնթ. - մոլ - որթին ճիւղերը, տերեւով միասին:

[28]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[29]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[30]          sic ձեռագիրը՝ Մարիամմայր

[31]          գրուած, սրբագրուած՝ տրուած

[32]          Ծնթ. - խաւ - աբեթ:

[33]          Ծնթ. - ախեխ - ագեգ (ակաթ)

[34]          sic ձեռագիրը՝ հաւանական -- ?

[35]          շոգի, սրբագրուած՝ շոգիի  -  

[36]          երդումը, սրբագրուած՝ երդումի

[37]          Ծնթ. - մռլոյ - արու կատու:

[38]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[39]          sic ձեռագիրը՝ Դո՛ւն ինչ

[40]          յաւելում պակսող բառերու՝ ու միշտ

[41]          յաւելում միացման գծիկի

[42]          յաւելում պակսող բառերու՝ ժպիտի մէջ խղդուող

[43]          sic ձեռագիրը՝ ուռուեցքէն -  ?

[44]          վերջակէտ, սրբագրուած՝  ստորակէտ

[45]          գլուխ, սրբագրուած՝ գլուխը

[46]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[47]          դրուեցաւ, սրբագրուած՝ գրուեցաւ

[48]          յաւելում պակսող բառի՝ լաւ   -  

[49]          sic էշղ ին --  Ծնթ. - էշղ / էշխ - սէր

[50]          կտորներ, սրբագրուած՝ կտորները

[51]          sic ձեռագիր՝ երկու է ?  ( երկիւղէ ?)

[52]          sic ձեռագիրը՝ ազագրել

[53]          է ?   էր ?

[54]          զգայուն, սրբագրուած՝ զգայութիւն

[55]          բռնուած, սրբագրուած՝ բանուած

[56]          քեզի, սրբագրուած՝ ձեզի

[57]          գրուածին, սրբագրուած՝ դրուածին

[58]          sic ձեռագիր՝ անակն  -  ?

[59]          զգայութեամբ, սրբագրուած՝ զգայնութեամբ

[60]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[61]          դրուած: սրբագրուած՝ գրուած

[62]          sic ձեռագիրը՝ կարմարները

[63]          ոսկեդիր, սրբագրուած՝ ոսկեգիր

[64]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[65]          ջնջ. աւելորդ բառ՝ համար

[66]          տարիի, սրբագրուած՝ տարիէ

[67]          յաւելում ստորակէտի

[68]          Մօր, սրբագրուած՝ Անոր

[69]          քաղաքներուն, սրբագրուած՝ քաղաքներու  -  

[70]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[71]          հարսենական (sic ձեռագիրը) սրբագրուած՝ հարսանեկան -  ?

[72]          ատենը, սրբագրուած՝ ատենդ

[73]          ջնջ. ստորակէտ

[74]          ներքեւումին, սրբագրուած՝ ներգեւումին (Ծնթ. - Ներգեւում՝ տկարացում: Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: )

[75]          յաւելում ստորակէտի

[76]          sic ձեռագիրը՝ ամբարձիգ (այլապէս՝ ամբարձձիգ)

[77]          շրջանուտ, սրբագրուած՝ շիջանուտ

[78]          կը ձայնէր, սրբագրուած՝  իր ձայնը

[79]          ջնջ. ստորակէտ

[80]          է, սրբագրուած՝ էր

[81]          երկճիղ  ?  եղկծիղ ?

[82]          հատած  ? նստած ?

[83]          որ, սրբագրուած՝ ուր

[84]          ներկած- սրբագրուած՝ հերկած     -  

[85]          մտածումէն, սրբագրուած՝  մտածուածէն

[86]          ստորակէտ, սրբագրուած՝  վերջակէտ

[87]          Ծնթ. - մար - հիւսքի մը բաղկացուցիչ կտորները, որոնք քով-քովի դրուելով սաւան մը կը հանեն մէջտեղ:

[88]          անզգած, սրբագրուած՝  անզգաց (sic ձեռագիրը)

[89]          յաւելում պակսող բառի՝ մը   -  

[90]          գելումները, սրբագրուած՝ գելումներ

[91]          տաղաւարող, սրբագրուած՝ աղաւորող

[92]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[93]          մենութեանը, սրբագրուած՝ մենութեան

[94]          շուտ ու շատ, սրբագրուած՝ շատ ու շուտ 

[95]          զգայութիւնները, սրբագրուած՝  զգայութիւններ

[96]          յաւելում պակսող բառի՝ ամբողջ

[97]          հոգեվարքը, սրբագրուած՝  հոգեւարքը

[98]          sic ձեռագիրը՝ համբաւէ  -  ?

[99]          sic ձեռագիրը՝ այլաս ե րականները -  ?  (այլասիրականները ?)

[100]        յաւելում պակսող գծիկի

[101]        դող, սրբագրուած՝ գող

[102]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[103]        կը փոխանցուի, սրբագրուած՝ կը փոխանցի 

[104]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[105]        աստղի, սրբագրուած՝ ոստղի

[106]        աշխարհի, սրբագրուած՝  աշխարհին

[107]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[108]        յատուկ, սրբագրուած՝  յստակ

[109]        ու, սրբագրուած՝  ուր

[110]        խնճոյքներու, սրբագրուած՝ խնջոյքներու

[111]        փախչելէն, սրբագրուած՝ փախչելէ 

[112]        ոլորէ, սրբագրուած՝ բոլորէ

[113]        Ծնթ. - տէյպատան՝ դպրատան

[114]        Ծնթ. - աղ՝ տաբատին կեդրոնական մասը:

[115]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[116]        խաղերու, սրբագրուած՝ խազերու

[117]        յաւելում պակսող բառի՝ շիշէ  

[118]        զգայնութեանը, սրբագրուած՝ զգայնութիւնը

[119]        պետական, սրբագրուած՝ պիտակած

[120]        յաւելում ստորակէտի

[121]        յաւելում ստորակէտի

[122]        երկայն, սրբագրուած՝ երկար

[123]        անձնասիրութիւնը, սրբագրուած՝ անձնաւորութիւնը

[124]        վերջակէտ, սրբագրուած՝  ստորակէտ

[125]        կատակով, սրբագրուած՝  կտակով

[126]        sic ձեռագիրը՝ արմնալով   -  

[127]        ջնջ. աւելորդ բառի՝ եւ

[128]        չէր, սրբագրուած՝ չէ՜ր

[129]        sic ձեռագիրը՝ զգայութեան, սրբագրուած՝  զգայութիւն - ?

[130]        sic ձեռագիրը՝ արթննային, սրբագրուած՝  արթննար - ?

[131]        ջնջ. ստորակէտ

[132]        հասածին, սրբագրուած՝  հոսածին

[133]        յաւելում ստորակէտի

[134]        ջնջ. ստորակէտ

[135]        խարղած, սրբագրուած՝ խարզած

[136]        ջնջ. միացման գծիկ

[137]        զրկուած, սրբագրուած՝ գրկուած

[138]        առիջուած, սրբագրուած՝ առեջուած -   ?

[139]        շարաւոր, սրբագրուած՝ շարաւոտ

[140]        sic ձեռագիր՝ եղերամայր

[141]        sic ձեռագիր՝ համախմբումներու

[142]        ջնջ. ստորակէտ

[143]        մանրուկ, սրբագրուած՝  մանրուք

[144]        մեր, սրբագրուած՝ մեծ

[145]        համակուած, սրբագրուած՝  մամուկուած

[146]        sic ձեռագիր՝ ամբարձիգ

[147]        sic ձեռագիր՝ չեղողներու եւ մնացածներուն [իմա՝ մեռածներու եւ ողջերուն]

[148]        հրաշալիքներէն, սրբագրուած՝ հրաշքներէն

[149]        գեղերու, սրբագրուած՝ ջիղերու

[150]        արարողութիւնը, սրբագրուած՝ արարողութիւնները

[151]        յաւելում ստորակէտի

[152]        ըլլալուն, սրբագրուած՝ ըլլալու

[153]        հոգեվարքի, սրբագրուած՝ հոգեւարքի

[154]        sic ձեռագիրը՝  կղզեցաւ ?

[155]        մօր, սրբագրուած՝  մօրը

[156]        տարերգրութեանց, սրբագրուած՝  տարեգրութեանց

[157]        sic ձեռագիրը՝ արդար մեղաւորի (սրբագրուած՝ արդար-մեղաւորի)

[158]        վերջակէտ, սրբագրուած՝  ստորակէտ

[159]        sic ձեռագիրը՝ գերեզմեր

[160]        ձեռագիրը՝ կոտտուն ?

[161]        sic ձեռագիրը՝ որ մատաղէ կէս երկվեցեակը պակաս չի ձգեր -- ?

[162]        հարուստներուն, սրբագրուած՝ հարուածներուն

[163]        sic ձեռագիրը՝ անվաւեր

[164]        յաւելում պակսող բառի՝  ու  

[165]        իր, սրբագրուած՝ ետ

[166]        գրուած, սրբագրուած՝  դրուած

[167]        հարսներու, սրբագրուած՝ հարսներուն

[168]        խորանէն, սրբագրուած՝ խարանէն

[169]        հարցնե՞նք, սրբագրուած՝  հարցնէ՞ք

[170]        գայ, սրբագրուած՝ տայ

[171]        ճանճիկներէն, սրբագրուած՝ ճանճիկներէ

[172]        յաւելում պակսող բառի՝ էր

[173]        անունին, սրբագրուած՝ անանձն (անանուն ?)

[174]        խածկոտէ, սրբագրուած՝ խածկռտէ  -  

[175]        պոզպատումի, սրբագրուած՝ պողպատումի

[176]        յաւելում պակսող բառի՝ իր

[177]        sic ձեռագիրը՝ թեփ ?

[178]        sic ձեռագիրը՝ ծուններ [սրբագրուած՝ ծուէններ ?]

[179]        Այս, սրբագրուած՝ Այդ

[180]        sic ձեռագիրը՝ կու տար (սրբագրուած ՝ կու տային   ?)

[181]        կուսաներու, սրբագրուած կռւոտներու [sic ձեռագիրը]   ?

[182]        յաւելում ստորակէտի

[183]        Սողոմէնին, սրբագրուած՝  Սողմէնին

[184]        նստատեղէն, սրբագրուած՝ նստատեղերէն

[185]        առաջուց (sic ձեռագիրը), սրբագրուած՝ առաջացուց

[186]        տիրոջը, սրբագրուած՝ տիրոջ

[187]        sic ձեռագիրը՝ կճեփը

[188]        քաշած, սրբագրուած՝  քաղած

[189]        հնհնուքի, սրբագրուած՝  հնհնուքին

[190]        մեղքերով, սրբագրուած՝ միտքերով

[191]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[192]        յաւելում բ. հրատ. պակսող նախադասութեան. - Նալպանտենց տունին մեծագոյն խորհուրդը: Ու կը հասկնար   -  

[193]        ձեռագիրը՝ բառերէ -   ?

[194]        Ծնթ. - միննէթի տակ մնալ երախտիքը չփոխարինել։

[195]        ջնջ. ստորակէտ

[196]        հոգեվարքներուն, սրբագրուած՝ հոգեւարքներուն

[197]        հոգեվարքի, սրբագրուած՝  հոգեւարքի

[198]        յարդուի, սրբագրուած՝ յարգուի

[199]        ձեռագիրը՝ կը մնանին

[200]        աւերելը, սրբագրուած՝ աւրելը

[201]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[202]        յաւելում պակսող բառի՝  մը  

[203]        Ծնթ. - երդը՝ յարդը, կերը

[204]        վատահելի, սրբագրուած՝ վստահելի

[205]        ձեռագիրը՝ բաց, սրբագրուած՝ բայց - ?

[206]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[207]        մտապատկերներուն, սրբագրուած՝ մտապատկերները    -  

[208]        յաւելում ստորակէտի

[209]        ձեռագիրը՝ կորուստ, սրբագրուած՝ կարաս ? 

[210]        հոգին, սրբագրուած՝ հոգի՞ն

[211]        Հաշի՞ւ, սրբագրուած՝ Հազի՜ւ

[212]        մարզերու, սրբագրուած՝ մարդերու

[213]        հուներուն, սրբագրուած՝ հունտերուն

[214]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[215]        քաղաքի, սրբագրուած՝ քաղաքին

[216]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[217]        Ծնթ. - սուբաբ, soupape` ելքի դռնակ

[218]        կարող, սրբագրուած՝ կտրող

[219]        Ծնթ. - խոռ - կրակ[է] սեւցած փոքր կտոր:

[220]        օրը, սրբագրուած՝ օդը

[221]        պարպած, սրբագրուած՝ պարպուած

[222]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[223]        sic ձեռագիրը՝ պառկելէն [ Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[224]        sic ձեռագիր՝ մենանալու [միանալու  ?]

[225]        ջնջ. ստորակէտ

[226]        անցան, սրբագրուած՝ անցած

[227]        յաւելում պակսող բառի՝ կը

[228]        Տարիներ, սրբագրուած՝ Տարինե՜ր  -  

[229]        մէջ, սրբագրուած՝ մէջը

[230]        առնուելիք, սրբագրուած՝ գնուելիք  

[231]        երբ, սրբագրուած՝ իբր

[232]        ձեռագիրը՝ իրակութիւնը -- յաւելում վերջակէտի

[233]        հեղեղ, սրբագրուած՝ բեհեզ

[234]        sic ձեռագիրը՝ չանցնողը

[235]        աղջիկը, սրբագրուած՝ աղջի՜կը

[236]        անյստակ, սրբագրուած՝ անյատակ

[237]        մեծութիւն ? մենութիւն ?

[238]        մօտիկ, սրբագրուած՝ մօտիկը

[239]        Սողոմին, սրբագրուած՝ Սողոմէն

[240]        sic ձեռագիրը՝  չունէր

[241]        sic ձեռագիրը՝ մը

[242]        sic ձեռագիր՝ կը կախենք ?

[243]        վերցուցած, սրբագրուած՝ փրցուցած

[244]        աղբիւրին, սրբագրուած՝ Աղբիւրին

[245]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[246]        sic ձեռագիր՝ պտտեր

[247]        ծծէին, սրբագրուած՝ ծնէին

[248]        մանրագրէին, սրբագրուած՝ մանրադրէին

[249]        յաւելում բառի՝ իր

[250]        յաւելում միջակէտի (կը պակսի ձեռագիրին)

[251]        ամպացած, սրբագրուած՝ ամայացած

[252]        ջուրէն, սրբագրուած՝ ջուրին

[253]        յաւելում ստորակէտի

[254]        ինքիրեն, սրբագրուած՝ ինքնիրեն

[255]        պոզը, սրբագրուած՝ պողը

[256]        յաւելում պակսող բառերու՝ գոցել ու չէր կրնար  

[257]        պատռեր, սրբագրուած՝ պատռիր

[258]        միս-մինակ, սրբագրուած՝ միս միայն

[259]        Այդ, սրբագրուած՝ Այս

[260]        պարտադիր ?  պարտատէր ?

[261]        sic ձեռագիրը՝ ճամբու ճամբորդներ

[262]        հանդէսին, սրբագրուած՝ հանդէսէն

[263]        գեղերուն, սրբագրուած՝ դեղերուն

[264]        հեռարձակ, սրբագրուած՝ հերարձակ

[265]        զգայութիւնները, սրբագրուած՝ զգայութիւններէ

[266]        քաշէին, սրբագրուած՝ քաշտէին

[267]        տափաստանները, սրբագրուած՝ տափաստաններ

[268]        զայրացող, սրբագրուած՝ զայրացնող

[269]        կտրուած, սրբագրուած՝ կարուած

[270]        sic ձեռագիրը՝ պատկերնէն  [պատկերներէն ? ]

[271]        պահելու, սրբագրուած՝ պահերու

[272]        անո՞ւնը, սրբագրուած՝  անո՜ւնը

[273]        ջնջ. ստորակէտ

[274]        այս, սրբագրուած՝ այն

[275]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[276]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[277]        ջնջ. բառի՝ է

[278]        ու, սրբագրուած՝ կամ    

[279]        րոպէին, սրբագրուած՝ րոպէէն

[280]        sic ձեռագիր՝ սկախառն --  ս[ի]կախառն ?

[281]        փոխելիք, սրբագրուած՝ փսխելիք

[282]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[283]        Հասած, սրբագրուած՝ Հատած

[284]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[285]        ջնջ. ստորակէտ

[286]        կռիւ, սրբագրուած՝ կռիւը

[287]        անոր, սրբագրուած՝ անոնց

[288]        Բացէն ?  Թաղէն ?

[289]        նահատակութիւնը, սրբագրուած՝ նահատակութիւն

[290]        չսկսաւ, սրբագրուած՝ սկսաւ

[291]        յաւելում պակսող բառի՝ ու   

[292]        sic ձեռագիրը՝   Այսմաւուրք

[293]        մխոտ ? 

[294]        sic ձեռագիրը՝ վերջակէտ

[295]        sic ձեռագիրը՝ որձնումին [ործկումին ?]

[296]        յաւելում ստորակէտի

[297]        ու, սրբագրուած՝ ան

[298]        ծերուկ, սրբագրուած՝ Տիրուկ

[299]        sic ձեռագիրը՝ զայրը [սայրը ?  ծայրը ? ]

[300]        Հատուկտուր, սրբագրուած՝ Հատուկոտոր

[301]        մաղ-մաղ, սրբագրուած՝ մազ-մազ

[302]        յաւելում միացման գծիկի

[303]        ջնջ. ստորակէտ

[304]        հեծքեր, սրբագրուած՝ հետքեր

[305]        բաները, սրբագրուած՝ բաներ

[306]        Հպարտ, սրբագրուած՝ Հապա

[307]        յաւելում պակսող բառի՝ խելք  

[308]        խորերը, սրբագրուած՝ եզրերը  -  

[309]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[310]        Ծնթ. - մերեթ - անէծքի բանաձեւ մը. անիծուի՛ս:

[311]        շարժումն ու կանչը, սրբագրուած՝ շարժումուկանչը  -  

[312]        sic ձեռագիրը՝ ամբարձիգ

[313]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[314]        Ծնթ. - բանդ - կապ՝ որով պարեգօտներուն ծալքերը իրարու կը կապուին, ստինքին ներքեւ:

[315]        Ի՞նչ, սրբագրուած՝ Ի՜նչ

[316]        Նուաղա՜ծ, սրբագրուած՝ Նուաղա՞ծ  -  

[317]        Ծնթ. - պատիհոն - պատի մէջ փորուած դարան:

[318]        Հոսկէ՝ յաւելում բ. տպագրութեան մէջ մոռցուած տողերու. - Էրիկը վառեց վերջապէս նախնական կանթեղը, որուն տեղը անխախտ էր տունին ու օճախին հիմնուելէն ի վեր: Հաստ, շոգեւոր, մախրի պէս խղդող լոյս մը դեղնեցուց պառաւին դէմքը, կէ՛ս, բերանը փակած տախտակամածին, որուն վրայ սեւ բան մը կը լերդանար: Արիւն էր: Հեղումին այս դէզ ը խստացուց անոնց զգայութիւնները: Սերոբը եղաւ բռնուած, ջնջուած ու դողդող: Կնիկի մարմնով ու հոգիով այդ մարդուն տկարութիւնն էր չկրնալ հանդուրժել կարմիր հեղուկը: Սողոմը իջաւ ծունկի: Առաւ պառաւին դաստակը: Կը շփէր, առատ, արագ, առանց փոքր իսկ հեւքի»

[319]        ջնջ. ստորակէտ

[320]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[321]        Ծնթ. - տեղան - անկողին:

[322]        բառերէն, սրբագրուած՝ բառէն    -  

[323]        հոգեվարքը, սրբագրուած՝ հոգեւարքը

[324]        յաւելում ստորակէտի

[325]        յաւելում բ. հրատ. մէջ մոռցուած բառերու՝ չմտածած ա նդրադարձաւ մեծ եղելութեան ու

[326]        բացառիկ իրականութիւն մը կը ստանային զգայութիւնները, սրբագրուած՝ բացառիկ իրականութեամբ մը կը ստանային զգայութիւնները

[327]        ջնջ. ստորակէտ

[328]        sic ձեռագիրը՝ կը շահին - ?

[329]        կ՛ընէիք, սրբագրուած՝ կ՛ընէինք

[330]        նուաղումով, սրբագրուած՝ նուազումով

[331]        Կորսնցուցած, սրբագրուած՝ Կորսնցո՞ւց  -  

[332]        sic ձեռագիր՝ աղուորցնելով... աղուորութիւնը --  ?

[333]        լսելուն, սրբագրուած՝ լռելուն

[334]        ահուն, սրբագրուած՝ անհուն

[335]        պոռ..., սրբագրուած՝ պո՛ռնիկ  -  

[336]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[337]        Հարսենական (sic ձեռագիրը) սրբագրուած՝ Հարսանեկան  ?

[338]        քոյր, սրբագրուած՝ քոյրը

[339]        մայր, սրբագրուած՝ մայրը

[340]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[341]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[342]        մատնելով, սրբագրուած՝ մատներով

[343]        գիտութեան, սրբագրուած՝ գերութեան

[344]        sic ձեռագիրը՝ անհասելի

[345]        sic ձեռագիրը՝ հոգիին վախը

[346]        բառեր, սրբագրուած՝ բաներ

[347]        պարպուեցաւ, սրբագրուած՝ պարտուեցաւ

[348]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[349]        sic ձեռագիր՝ Սերո՞բը գիտէր ամէն բան  [ Սերոբը գիտէ՞ր... ? ]

[350]        կեանքէն, սրբագրուած՝ կեանքին

[351]        լսեց, սրբագրուած՝ լռեց

[352]        Ծնթ. - դիգա - սեխին բնական բաժանումները:

[353]        sic ձեռագիր՝ Մինչեւ սա անկողինը   -   ?

[354]        ջնջ. ստորակէտ

[355]        sic ձեռագիր՝ Ինչպէս [ Ինչպէ՞ս ]

[356]        դրած, սրբագրուած՝ ըրած

[357]        յաւելում բառի՝ որոնք (կը պակսի ձեռագիրին մէջ)  

[358]        Չեր, սրբագրուած՝ Չէր

[359]        յաւելում պակսող բառի՝ որ

[360]        դրուեցան, սրբագրուած՝ գրուեցան

[361]        հեղուկուած, սրբագրուած՝ հեղուկցած

[362]        կտորներու, սրբագրուած՝ կտորներուն

[363]        իրերը, սրբագրուած՝ երեսը

[364]        կ՛ուզուի, սրբագրուած՝ կ՛ուղղուի

[365]        ապրելուն, սրբագրուած՝  ապրելնուն

[366]        ու, սրբագրուած՝ ուր

[367]        sic ձեռագիր՝ կը ծխար ?

[368]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[369]        sic ձեռագիր` իրին [ իրեն ?]

[370]        չզգացած, սրբագրուած՝ չգացած  -  

[371]        sic ձեռագիրը՝ վարժութիւններ --  ?

[372]        sic ձեռագիրը՝ ուժին, սրբագրուած՝   ուժեղին   ?

[373]        Ծնթ. - կորզան - մետաղէ թել բարակցնելու գործիք

[374]        սրտերու, սրբագրուած՝ սրտերուն

[375]        չէին, սրբագրուած՝ չէի՞ն

[376]        պատմէ, սրբագրուած՝ պատժէ

[377]        զաւակներուն, սրբագրուած՝ զաւակներու

[378]        կատախառն, սրբագրուած՝ կտտախառն

[379]        sic ձեռագիրը՝ կը վարէ, սրբագրուած՝ կը վարէր - ?

[380]        ջնջ. ստորակէտ

[381]        բարիքին, սրբագրուած՝ կարիքին

[382]        sic ձեռագիր՝ մէկ եօթերորդ տախտակին --  ?

[383]        յաւելում բութի

[384]        անկարողութեան, սրբագրուած՝ անկարութեան

[385]        ամբողջը, սրբագրուած՝ ամբողջ

[386]        ջնջ. ստորակէտ

[387]        գեղագրութիւն, սրբագրուած՝ տեղագրութիւն  -  

[388]        հոգեվարք, սրբագրուած՝ հոգեւարք

[389]        Յեղաբել, սրբագրուած՝ Յեզաբել

[390]        պատմութիւնը, սրբագրուած՝ պատմութիւնները

[391]        պատէր, սրբագրուած՝  պտտէր

[392]        քոսոտ, սրբագրուած՝ գօս սա

[393]        սուզուած, սրբագրուած՝ սազուած

[394]        աստղովը, սրբագրուած՝ ոստղովը

[395]        Ծնթ. - լափլփել - ցեխին մէջ չորս ոտքով քալել:

[396]        sic ձեռագիրը՝ բիւղագի, սրբագրուած՝  բիւրազգի - ?

[397]        sic ձեռագիրը՝ թոյն, սրբագրուած՝ թոյնը - ?

[398]        sic ձեռագիրը՝ հեշտութեան, սրբագրուած՝ հաշտութեան - ?

[399]        sic ձեռագիրը՝ նոյնալու, սրբագրուած՝ նոյնանալու

[400]        Որո՛ւ, սրբագրուած՝ Որո՞ւ

[401]        sic ձեռագիրը՝ հեղուսէ

[402]        այս, սրբագրուած՝ այն

[403]        յաւելում միացման գծիկի

[404]        sic ձեռագիրը՝ խորքը - ?

[405]        յաւելում պակսող բառի՝ հանած

[406]        մահը սա տունին, սրբագրուած մահէ սա տունը -  ?

[407]        ջնջ. բութ

[408]        յաւելում բառի՝ սուրբ, եւ միացման գծիկի

[409]        յաւելում գծիկի

[410]        ու, սրբագրուած՝ ուր

[411]        խուսէր, սրբագրուած՝ խուսափէր 

[412]        յաւելում ստորակէտի

[413]        յաւելում պակսող բառի՝  իր

[414]        յաւելում ստորակէտի

[415]        sic ձեռագիրը՝ կործանումը ... հոսանքին    ?

[416]        sic ձեռագիրը՝ չդարձաւ իրեն [չդարձաւ Սերոբին ?]

[417]        Ինչի, սրբագրուած՝ Ինչի՜

[418]        sic ձեռագիր՝ ապաստանելով

[419]        sic ձեռագիրը՝ աղիք մը [ ալիք մը ?]

[420]        մտածումներու, սրբագրուած՝ մտածումներուն

[421]        հոգին, սրբագրուած՝ հոգիին

[422]        sic ձեռագիրը՝ կտչուլ - ?

[423]        մուխթարները, սրբագրուած՝ մուխթարներ  -  

[424]        Ջարդերէն, սրբագրուած՝ ջարդերէն

[425]        sic ձեռագիրը՝ բնական

[426]        Ջարդերէն, սրբագրուած՝ ջարդերէն

[427]        ջնջ. ստորակէտ

[428]        sic ձեռագիրը՝ կային վրայ - ?

[429]        sic ձեռագիրը՝ այցել - ?

[430]        sic ձեռագիր՝ կտչուլ - ?

 

[431]        ետքը, սրբագրուած՝ վերջը

[432]        կողմերով, սրբագրուած՝ կողմերովը

[433]        Տէ՞րը, սրբագրուած՝ Տէ՜րը

[434]        Հա՞յրը, սրբագրուած՝  Հա՜յրը

[435]        Մաշած, սրբագրուած՝ Մաշա՞ծ    -  

[436]        Էրի՞կը, սրբագրուած՝ Էրի՜կը

[437]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[438]        հոգեվարքին, սրբագրուած՝ հոգեւարքին

[439]        անգիտացած, սրբագրուած՝ անհետացած

[440]        յաւելում՝ նոր պարբերութիւն անցումի

[441]        «պէթը պէնզը», սրբագրուած՝ «պէթը պէնչը» - ?

[442]        յաւելում բ. հրատ. պակսող բառերու՝ մօ՛ր բաժինը

[443]        հանող, սրբագրուած՝ հանուող

[444]        Հայր մեր ի, սրբագրուած՝ Հայր մեր է

[445]        sic ձեռագիրը՝ սուզուած  ?

[446]        Իր ուզածը, սրբագրուած՝ Իր ուզա՞ծը

[447]        ու, սրբագրուած՝ որ

[448]        Ծնթ. - մամածակ - անհանճար, որ չի կրնա ոչինչ հնարել:

[449]        Ծնթ. - խոցտուկ - աղիքի ցաւ: Նաեւ՝ շատ սուր ցաւ:

[450]        Ծնթ. - պուպուկ - նոր: Փոխարինաբար՝ հարս:

[451]        sic ձեռագիրը՝ խնամ[ան]ի

[452]        sic ձեռագիրը՝ արգանդի կապ տեսնել [չտեսնել    ?]

[453]        Ծնթ. -- խշխշալ - կսկծալ:

[454]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[455]        հոգեվարքը, սրբագրուած՝ հոգեւարքը

[456]        յաւելում ստորակէտի

[457]        Հանին, սրբագրուած՝ Հաճին

[458]        եթէ, սրբագրուած՝ իբր

[459]        sic ձեռագիրը՝ կճեփէն

[460]        մտածումէ, սրբագրուած՝ մտածումը

[461]        sic ձեռագիրը՝ խօսք ու լսել -- ?

[462]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[463]        ափունքին, սրբագրուած՝ ափունքի  -  

[464]        ուրիշներ, սրբագրուած՝ ուրիշները

[465]        sic ձեռագիրը՝ ծովը իր բացին ..... ճամբայ ինկած -- ?

[466]        տաշտը, սրբագրուած՝ դաշտը

[467]        Պահուած ձեռագիրը հոս կ՛աւարտի: Այլեւս սխալներ կը սրբագրեմ՝ առանց կարելի ստուգումի: Սխալները, հետեւանք տողաշարողի թիւրընթերցումին, երբեմն եւ ձեռագրող հեղինակին անուշադրութեանը, կը մատնանշուին ծանօթագրութեամբ: Բացայայտ սխալները կը սրբագրուին բնագիրին մէջ, նոյնպէս ծանօթագրուած նշումով. հաւանական սխալները՝ նոյնպէս, բայց հարցանիշի մը յաւելումով. անորոշ-անվերականգնելի սխալները՝ պարզ հարցանիշի մը յաւելումով: Եթէ հաւանական այլընտրանք նկատուի, այլընտրանք կ՛առաջարկուի, միշտ հարցանիշի յաւելումով: