Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔ   Զ

 

Ա. ՄԱՍ

 

Բանտի հրապարակին, կէս ժամէ ի վեր շարունակուող «ռազմափո՜րձը» գտաւ իր վերջը։ Այսպէս կարծեցին զգալ երկու աղջիկները, իրենց յարկաբաժինէն, որ կը նայէր այդ տարածութեան։

 

Զինուորական ու մարզական շարժումներու գրեթէ իրենց ամէնօրեայ վարժութիւնը զիրենք անփոյթ կ’ընէր պատուհան բանալու, արդէն անտրամադիր, թուրք ըլլալնուն։ Արեւելքի քաղաքները իրենց մշտափակ [1] պատուհաններովը նկարագիր կը ստանան։

 

Հեռուէն, հետեւած էին սակայն, ջահերով լուսաւոր սա փոխադրումներուն, իրական ռազմափորձի մը հեգնանքը երանգող։ Այդ շարժումները կտրտուած էին բարձրահագագ հրամաններով, որոնք զինուորական մեծվայելչութիւնը կ’երաշխաւորեն։ Ու հնօրեայ սալերուն վրայ, ուր լատին ու յոյն գիրերը, ինչպէս ճառագայթաթեւ խաչերու փշուրները կը յամառէին դիմանալ, այդ մարդոց մեծաշռինդ ոտնազարկը խորապէս բիրտ էր ու տպաւորիչ։ Աղմուկի տալու, ցոյցի հանելու սա ախորժակը խոտոր կը համեմատի թուրքերուն ընտանեկան լռասիրութեան եւ զգուշաւոր, պարսպապատ տուներուն։

 

Ու լսեց [2] վերջապէս, երեք անգամ դղրդագին որոտը, որ եղեւնիներուն կատարէն ագռաւները սարսափեցուց` զանոնք փախուստի հանելով դէպի հանդարտ գերեզմանիկները, այնքան առատ, քաղաքին մարմինին մէջ, նոճիներու կղզեակներով [3] որոշուող. [4]

 

--   Փատիշահըմ չոք եաշա՜…

 

Անշուշտ շատ էր ապրելու այդ վեհապետը, որ այնքան յատկանշական քաղաքականութիւն մը վարեց` ստեղծելով պատմութեան անմոռանալի ռէժիմներէն մէկը ու երեսուն տարի թուրքերուն համար օրուան հացն ու մտածումը տուաւ։

 

Քաղաքի բարձունքներէն մէկուն, զօրանոցի մը բացավայրէն զինուորներու բերանով թեւ առած այդ մաղթանքը ժամեր տեւող երկայնք մը կը կտրէր­կ’անցնէր։

 

Բայց քաղաքի կեդրոնին, բանտի շրջանակին մէջ այս խորունկ աղաղա՞կը։

 

Անժամանակ սա զօրանց[ք]ը [5] զինուորական ընդունելութիւն մը չէր սակայն։ Կառավարական շէնքերու շրջապատին կարգապահական ուժերու սա պարզուկ խաղը, թուրքերուն բառովը՝ մանովրա ն, նշանակութեան կը բարձրանար իր անպատրաստ յաջողութեամբը։ Ամէն ինչ տեղի էր ունեցած անթերի կանոնաւորութեամբ, պարագա՛յ՝ որ կ’ապացուցանէր հեղինակաւոր թաթն ու ուղեղը վերատեսուչ փաշային։ Ոչ մէկ պակաս պատասխանատու, հերթապահ սպաներէն։ Քոմանտան փաշան այս կարգի անակնկալներով գերմանական իր կրթութիւնը կ’արժեցնէր։

 

Ցոյցէն յետոյ՝ կառքեր։

 

Որոնք, երկար ու շատ, քաշուեցան ու քաշուեցան, հետեւուած՝ հեծեալներու տասնեակէ մը։ Ոգեւորուած՝ հրապարակը մտաւ իր գիշերային դիմագիծին, մութի հաստամեստ, զոր սիկարներու շրջամոլիկ կրակը կը վիրաւորէր անցողակի։ Անհանգիստ, հազոտ երթեւեկը շրջուն պահակներուն։ Սուլոցի մը ճիչը, որ մութը կը ջանայ բզկտել մէկ ծայրէն միւսը ու կը նուաճուի։ Բանտին հեռու բջիջներէն երգի փշրանքներ, անիմաստ՝ որովհետեւ անորոշ։ Կամ հարց­պատասխանին՝ չերեւցող մարդոց։

 

Խորունկ՝ գիշերը։

 

Երկու աղջիկները յոգնա՜ծ, տարբեր յուզումներու խուժումէն։ Անվանդակ պատուհաններէն լոյսի առատ խաղարկութիւն մը, որ գործն էր բացառիկ յստակութեամբ աստղերու։ Ասոնք կը թուէին շարժիլ։ Հիւանդը հարցուց.

 

-- Ո՞ւր կ’երթան ուրիշ գիշեր [6]

 

-- Որո՞նք։

 

-- Աստղերը։

 

Եղնիկը չէր հասկցած քրոջը հարցումը, ուրիշ մտածումներէ գրաւուած ըլլալուն։

 

Հարցական ընդմիջումը անկարող էր սակայն փարատել անոր ներսը սկիզբ առնող դոնդողացումը, որ իրականութիւն է մեր մէջ կարգ մը պահերու։ Մեծ մտածումները ենթակայ են սառումի օրէնքի մը։

 

-- Ինչո՞ւ չես խօսիր։

 

-- Չեմ գիտեր։

 

Ստիպուած էր պատասխանելու, ներսէն վախին ի հաշիւ։ Մէկէն զգաց, որ կը նեղուէր հիւանդէն։ Յետոյ՝ այս նեղութիւնը կապեց առանձնութեան բուռն պահանջքի մը, որ ծներ էր անդիմադրելի։ Ու գտաւ, որ նոր ալ էր այդ զգացումը։

 

Սպասուհի՛ն։ Որ մեծ արագութեամբ անցուց հիւանդի ոտքերուն գուլպայի ձեւով մուշտակ մը։ Ան պաշտօն ունէր ամէն գիշեր այդպէս պատսպարել օրիորդը։ Ու մուշտակներով պարուրուած քովն ի վեր մաման։ Հիւանդը դիմաւորէր պիտի այդ անիմանալի ցուրտը, որ անոր ոտքերուն, ձեռքի մատներուն, ափերու փոսիկին ու, մա՛նաւանդ՝ ողնայարի սիւնին կը յայտնուէր, մինչ այտերը, շունչը, կուրծքը կրակի մէջ կը զգար անիկա։

 

Իր պարտքը կատարելէ յետոյ, սպասուհին    --բարակ ու հատած աղջիկ մը, հաւանաբար հեռուէն ալ ազգական--  պիտի քաշուէր անաղմուկ, սպասելու նոր հրամանի։

 

-- Որո՞ւ կը մտածես։

 

Անոր հարցումը կրկին անակնկալի բերաւ փոքր աղջիկը, որ ընդոստ նայեցաւ քրոջը։ Ու գրեթէ բարկաշեշտ՝

 

-- Որո՞ւ։

 

Անոր անուշիկ յօնքերը կիտուեցան։ Բաներ մը դիզուիլ թուեցան մաքուր ճակատին` զայն ընելով գծաւոր ու տգեղ։

 

-- Շատ տարօրինակ բաներ կ’ըսես երբեմն։

 

Չէր զգար, որ միտքինը կը պարզէր [7] անգիտակցաբար։

 

Անշուշտ, քսան մտնելիք աղջիկները, փաշաներու արիւնէն, պալատներուն յոգնաթափ պերճանքին մէջ, ուրիշ բաներ ունէին ըսելու, դիտելու, ընելու, եթէ երբեք, հոս տրուածին պէս, գամուած չըլլային իրենց օրրաթոռին, որ մահիճն ըլլար [8] անոնց կոտրտուած ողնասիւնին։

 

Սանդուխին՝ շրշիւններ։

 

Սպասուհիներուն բանակը, թիւով վեր տասնէն, պալատներուն սա նկարագեղ երամը, տարիքի ամէն աստիճաններով, ինչպէս նաեւ տրամաթիք դրուագներու խոր կնիքովը։ Հոս, քալելու տեղ պարտաւոր էին քսքսուելու պալատին արձագանգուն սրահներէն` խնայելու համար հիւանդին աւելորդ հետաքրքրութիւններ։ Տարօրէն սուր անոր ականջները կը տեսնէին [9] հեռուէ հեռու ամէն շշուկ։ Անշո՛ւշտ որ նեղող՝ այս ամէնը։ Անոր հայրն ու մայրն անգամ եղան ենթակայ այս քմայքներուն։

 

Ոսկեդրուագ, սատափներով զարդարուն եւ զանակաւոր իր աթոռին մէջ, որուն զսպանակաւոր ուռեցքները զինքը կը գրկէին մա՛նաւանդ կողերէն, խոնաւ իր ափերուն անիկա ամուր էր բռնած ձեռքը իր փոքր քրոջը` արգիլելով անոր մեկնումը։ Գուշակա՞ծ էր անոր մէջ զօրաւոր իր ցանկութիւնը դուրս ելլելու։

 

-- Կ’ուզեմ քովս ըլլաս։

 

Փոքրը չպատասխանեց։

 

Բայց անոր դէմքին կը թափառէր անստոյգ բան մը, որմէ զգածուեցաւ հիւանդը։ Սա թափանցումը անոր դալուկ այտերուն բերաւ թեթեւ կարմրութիւն։ Կը տառապէ՞ր քրոջը գեղեցկութենէն։ Ո՜վ գիտէ։ Ուրիշները տեսնելէ առաջ, մենք մեզ կը տեսնենք։

 

Պատէն, գերմանական ժամացոյցը զարկաւ երեք հարուած։ Որոնց իբր արձագանգ, բանտի հրապարակը, գիշերապահին ճոկանովը ուրիշ երեք հարուած հետեւցուց, հազիւ հաստատուած խաղաղութիւնը դղրդող։ Եւրոպական ժամը [10] ինը անցած ըլլալու էր։

 

Գերմանական այդ ժամացոյցը, որուն հիւանդ աղջիկը իր անունն էր փոխ տուած, տրտմութեան ընկեր մըն էր Ֆերուզէին ու ամէն ժամու աւարտումին կը նուագէր թախծոտ կտոր մը բան, ջերմ, հազիւ մետաղ, վայրկեանի մօտ տեւողութեամբ։ Խոր էր ու տպաւորիչ այդ կտորիկը, մա՛նաւանդ լուսադէմին, երբ ընդարձակ ապարանքը, քունի մէջ թաղուած, կը թուէր մոռնալ սրսփուն հիւանդը։ Քաղաքին նորութի՛ւնը։ Որ այցելութիւնն էր ընդունած աւագանիի [11] տիկիններուն։ Թուրքերը, գաւառական քաղաքներու իրենց պալատները հաճոյքով կը բանան ժամացոյցին, որ այդ ընդարձակ մերկութիւնները կը ծաղկեւորէ, իր աստուածահաճոյ դերէն զատ   --աղօթքի պահերը ճշդիւ, րոպէական փոյթով մը հետապնդելը հանգստեան կանչուած պաշտօնեաներուն կամ վայելքէն կանուխկեկ սպառած ծերութիւններուն նուիրական զբաղումը կը մնայ-, լայն իր մարմինը տրամադրելով մետաղեայ դրուագումին: [12] Գոհարի եւ ոսկիի մեծկակ մթերք մը այդ առարկաներուն վրայ՝ անշուշտ կը պատմէ ուրիշ ալ բան տանուտէրին պահեստէն։ Երկու­երեք մեթր անոնց հասակին համար ընկուզենիէ ընտրելագոյն պահոցներ։ Ճօճանակներ, որոնց ոսպնեակը ոսկի ափսէներու հետ չեն փոխեր։ Ու ծանրութիւն կախող գլանները ոսկի շղթաներով։ Սլաքները՝ ադամանդակուռ։ Երբեմն մանրանկար կենդանեակներ, համակ ոսկի մարմինով, որոնց աչքերը՝ գոհար։ Հարստութիւնը մունետիկներով չէին ծանուցաներ ա՛լ [13] այդ օրերուն, այլ՝ հոս տրուածին նման, տան առարկաներուն վրայ թափուած սուտակով ու զմրուխտով։ Սուրեր, այսինքն՝ անոնց պատեանները, երախակալները։ Ու կը լռեմ անոնց նկարը։ Զգեստներ, այսինքն՝ անոնց վրայ թափուած մետաքսն ու ոսկեղէնը։ Ու կը լռեմ ճաշակն ու արուեստը։ Ու թրքական քաղաքի մը մէջ, երբ մարդիկ չեն որոճար սպանդ կամ ափսոսար վաղամեռ զաւակներ, հեռու դաշտերու վրայ ինկած, [14] իշխանուհիներու օժիտը, ըսել կ’ուզեմ՝ անոնց մեծաղաղակ ցուցադրումը հանրային երեւոյթ է։ Շաբաթներով կը փռուին այդ իրերը սրահէ սրահ։ Յատկապէս յարդարուած առագաստի մը խորը, հարսնցուն մինչեւ եղունգները հիւսուած ադամանով ու մարգարիտով իր գեղեցկութիւնը կը դնէ ամէնուն նայուածքին։ Հասկնալի հոս ամէնը։ Վասնզի էրկանը աչքերէն դուրս արու աչքեր պիտի չտեսնեն զայն։ Ժամացո՞յցը, [ժամացոյց]նե՞րը։ Հարկա՜ւ։ Ադամանդով ընդելոյզ՝ ան, անոնք, ամիսով կը փայլին պալատներու մայր դրան ճակատին, թելուած, սազուած ու հսկուած չորս արաբներէ։

 

-- Հիմա հասած են…։

 

Հիւանդը կ’ակնարկէր փաշաներուն, որոնց ակամայ ընկերացած էր մայրիկը։ Անոր աղջիկները այդպէս կը հաւատային ամէն անգամ, որ իրենց մայրը տժգոյն յուզումով մը կառք կը բարձրանար Ջերմուկները, հօրենական պալատը երթալու…

 

Անշուշտ մեծ ու խորունկ իր ուսումնասիրութենէն ետք, հազարապետ փաշան արդար իրաւունքը ունէր օրուան մը հանգիստի։ Ո՞ւր աւելի յարմար այդ հանգիստին, քան Ջերմուկները, քոմանտան փաշային փառաւոր ապարանքին մէջ. օժիտ՝ կնոջը կողմէն։

 

Հատորներ չեն բաւեր՝ սպառելու համար խորհուրդն ու հոգին այդ հսկայ կառոյցներուն։ Թուրքերը Պոլսոյ մէջ քիչ ու շատ ճարտարապետութիւն մը դրած են իրենց պալատներուն իբր խորք։ Գաւառական քաղաքներուն ապարանքները ուրիշ բաներ կը խտացնեն։ Արեւմտեան աչքերը դժուար պիտի թափանցեն անոնց ոճին։ Ու աւելի դժուար սա թափանցումը, երբ զմայլելի դաշտանկար մը, տաք ջուրի աղբիւրներ, հսկայ ծառաստաններ կը միջամտեն՝ կազմելու համար շրջանակը այդ շինութիւններուն։

 

Կ’անցնիմ արագ։ Որս։ Ձեռակերտ լճակները իրենց ձուկերուն որսովը։ Պարտէզներ, իրենց անհատնում ու վախ ազդող ուղիներովը, որոնք երբեմն կը սուզուին հողին յատակը, ուրիշ փորուած պալատներու դէպի սիրտը։ Կը հասկնա՞ք այս ամէնուն եզական խռովքը, երբ այդ պալատներուն տէրը ի պաշտօնէ ապրող մըն է ու տասնով­քսանով, այսինքն՝ աղջիկներով, [15] ամիս կը փոխէ…։ Քոմանտան փաշա՞ն։ Կը գիտնաք [16] ատ ալ։ …։

 

Մուրացիկին երգը։

 

Որ ամէն գիշեր, բանտի հակադիր հրապարակին, սրճարաններու ամբոխին ցրուումէն առաջ, պիտի բարձրանար, սրտառուչ, ջերմ, գրեթէ կրօնական՝ հաստ ու բարբարոս այդ մարդոց հոգիէն անցք մը բանալով մարդկեղէն յուզումներու։ Մինչեւ իրենց տուները, այդ պէյերը, աղաները, էֆէնտիները պիտի փոխէին երգին պատգամը անշուշտ։ Բայց այդ րոպէին անոնք կ’այցուէին խոր տրտմութեամբ։ Ի վերջոյ կեանքը կախարդ բաժակն է հեքիաթին ու անոր մօտեցող ամէն շրթունք իր ուզածը պիտի գտնէ անոր երեսէն մէկ քանի օրուան համար։ Դարակը [17], միշտ մոխիր գերեզմանէն։

 

Երգին հետ, սպասուհիները պարտաւոր էին փոխադրել Ֆերուզէին օրրաթոռը պալատին հիւսիս բաժինը։ Ուրկէ վար մեծ հրապարակը, որուն հանգոյցը հազարամեայ սօսի մը կը կազմէր, [18] հազարով աթոռներ, մայթերն ի վար։ Ութանիստ լապտերներ, ճիղճ լոյսերով։ Ու թրքութի՛ւնը, ցանցառակի եւրոպական տարազովը։ Դիւանի պաշտօնեաներ ասոնք։ Ստուար մասը դասական շալվարով ու փաթթոցով։

 

Երգը զարգացաւ, հաստատ կոկորդէ մը, մանր ու երկարուն գնացքով կազէլ ներուն [19], որոնք թրքական թեթեւոտն, տաք սիրերգները կը վերածեն մանուածապատ, անհատնում ձայնաղբիւրի մը, ձգձգուն, անհանդուրժելի՝ երբ օղիի կամ հաճոյքի սեղաններու շուրջ թեւ բանան։ Բայց կը փնտռուին կէս­լուրջ, պաշտօնական շրջանակներէն, իրենց դանդաղ, բայց պարուրող միսթիքին ու, մա՛նաւանդ՝ անհատական շեշտին ուժովը։ Ամէն կոկորդ անոնց կը փոխանցէ սեփական նկարագիր։ Կոյրը՝ արիւն։ Սիրահարը՝ սերմ ու յիմարութիւն։ Մուրացիկը՝ անդենականին ստուերն ու գոլը։ Ընդհանրապէս կը փայլեցնեն գեղեցկութիւնը գեղեցիկներուն, կը խորանարդեն անգթութիւնը անոնց ձեւերուն։ Օժտուած տղոց ու դժբախտ ծերերու բերնին անոնք արժէքի կը բարձրանան։

 

-- Ամա՜ն­եամա՜ն…

 

Պատուհանը բացուեր էր։

 

Մուրացիկը    --գիտէին անոր ամբողջ ծննդաբանութիւնը--, իր երգին ոլորքները սպառելէ յետոյ՝ իջած էր մարդկեղէն խորքին, արձակելով իր վրայով ցաւը բոլորին, որոնք պիտի չըլլան ազատ «ցաւին ասեղէն», նո՛յնիսկ երբ իրենց մարմինները պաշտպանեն խանթարով բեհեզով ու անգին մուշտակով։

 

Սարսուռ մը հոսեցաւ Ֆերուզէին ողնուղեղէն։

 

-- Ի՜նչ տխուր է։

 

Եղնիկը չէր ուզեր խօսիլ։

 

-- Ի՜նչ անուշ է։

 

-- Դուն լսէիր միւսը։

 

-- Մի՞ւսը։

 

Մտածեց։ Հակառակ օր մը ամբողջ այդ «միւսին» երազած ըլլալուն, Ֆերուզէն մոռցեր էր զայն։ Չտեսնուած բաներուն ճակատագիրն է ասիկա։ Կ’անցնին ու իրենցմէ գիծ չի մնար մեր ներսը։

 

-- Հայուն տղան։

 

-- Ասկէ անո՞ւշ։

 

-- Հարկաւ։

 

-- Կո՞յր։

 

-- Չէ, քոյրիկ, քանի՛ է կը կրկնեմ։

 

-- Իրա՜ւ։ Մարդասպանը։

 

Սանդուխին շրշիւն։ Դուռին՝ սեւամորթ պահակը, որուն ակռաները աղտոտ լոյսով մը շողացին հեռուէն։

 

-- Ի՞նչ ըրիր, Մուսթաֆա՛։

 

Մուսթաֆան կիսաժպիտ, խորհրդաւոր արարած մըն էր նոյնիսկ պալատին ամէնէն խաղաղ պահերուն։ Ներքինին այդ դիմակը կը ճարէ դառն փորձառութիւններով։ Խօսելու մէջ վերապահութիւն մը անոր տաղանդն է երբեմն։ Անշուշտ, քսաներորդ դարուն, անիկա հին վայրենին ալ չէ, որուն ետեւէն զոյգ դանակներ կը պտտէին, մեղաւոր կիները իրեն մահիճներուն վրայ մորթելու։ Բայց բռնութիւնը նորերուն մօտ փոխարինուած է հնարամտութեամբ, բազմաղբիւր չարութեամբ։ Արաբ Մուսթաֆա կը սիրէր Եղնիկը, որքան որ բառը կրնայ իմաստ մը ունենալ նման մարդու մը մասին գործածուած պահուն։

 

-- Ի՞նչ ըրիր։

 

Բարկացոտ, լալու մօտիկ պչրանքով.

 

-- Կարելի չէ, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Կարելի չէ՞, ո՞վ ըսաւ։

 

Անիկա խածեր էր շրթները։ Ձեռքը օդին մէջ բարձրացաւ անգիտակից։ Մէ՞կը կը ծեծէր։ Երա՞զ մը կը հալածէր։ Անոր քոյրը իր մահճաթոռէն ցցեց գլուխը։

 

-- Դուն սուտ կը խօսիս, սեւ սատանայ։

 

-- Վալլահ­պիլլահ, հանըմ էֆէնտի։ Յիսնապետը պիտի ծեծէր զիս։

 

-- Ո՞վ, այդ յիսնապետը, - միջամտեց Ֆերուզէն, որ առանց տեղեակ ըլլալու խօսակցութեան չըսուած իմաստին, նետուեր էր խօսքի, շփացուած աղջիկի դիւրայոյզ բռնութեամբ։

 

-- Աքիֆ պէյը։

 

-- Գեղացի՞ն։

 

Պահակը յօնքերով հաստատեց նախատինքը, կիսաժպիտ ու խորհրդաւոր։ Ներքինիները զգոյշ կ’ըլլան։ Ատիկա իրենց պարտքն է։ Բայց իրենց առաջին ալ պարտքը ուրիշին, մա՛նաւանդ այրերուն չարիք հասցնելն է, մարդկօրէն կարելի բոլոր ճամբաներով։ Վարանումէ մը ետք, որ դիտուած էր մեծ յաջողութեամբ, անիկա, ցած ձայնով, գրգռելու համար աղջիկներուն զայրոյթը, աւելցուց.

 

-- Փաշային կողմէ անգամ ասանկ հրաման մը չի կրնար գործադրել։

 

-- Ո՞վ, այդ անասո՞ւնը։

 

-- Ա՞րջը։

 

-- Կ’ըսէ այդպէս։

 

Ու յօնքերովը հաստատեց աղջիկներէն բանաձեւուած նախատինքը։ Կ’ատէր յիսնապետը իր գոռոզութեանը, կոպտութեանը, պեխերը ոլորելու լրբութեանը, բայց ատոնցմէ աւելի Եղնիկին աչքին իյնալու իր յամառ հնարքներուն համար։ Կ’ատէր անոր մէջ բարբարոսը, հողագործի կտորը, իր բառովը՝ հէօտիւկ ը [20] ։ Ու հակառակ անոր, որ չէր տեսած զայն, այդ գիշեր, անոր բերանը դրաւ վտանգաւոր նախադասութիւնը, տեղեակ ըլլալով կարգապահական օրէնքներուն։ Բանտին դուռները որոշ ժամէ մը վերջը չէին բացուեր առանց գրաւոր, կնքուած ու չորս բարձրաստիճան անձերու բերնով ալ վաւերացուած հրամանին։

 

-- Մօտենալ Սողոմին ու յայտնել անոր՝ անհրաժեշտութիւնը իր գիտցածը ըսելու։ Աւելի՞ն։ Տասնհինգը նոր անցնող աղջիկ մը ուրիշ կերպ չունի մտածելու, քան ինչ որ իր մէկ քանի զգայարանքները կը թելադրեն իրեն։ Ամէն շաբթու անուշիկ աղջիկ մը փաշաներու պալատին համար պէսի դնող [21] ներքինին անշուշտ ունէր բաւական խելք չըսուածն ալ լրացնելու իր կողմէն ու ենթադրելու իր հանըմին մօտ մէկը մանկական քմայքներէն, որոնք իրենց տարօրինակութեամբը չէ, որ կը խռովեն, այլ իրենց յամառութեամբը պատճառ կը դառնան աղէտներու։ Անիկա, փաշաներուն մեկնումէն յետոյ բանտ էր ղրկուա՜ծ, Սողոմին յայտնելու աղջկան մը կա՜մքը, այդպէս սքողուած։

 

Երկու աղջիկներու բերնին, բանտային ապահովութեան այդ գիշերուան պատասխանատու սպան արժանացաւ աւելի տխուր, մա՛նաւանդ տմարդի ու գռեհիկ վերադիրներու։ Անշուշտ անոնք չէին հայհոյեր իրենց հօրը գրական, հռետորական շքեղութեամբը։ Բայց տարիներու խողովակով մը, սա սրահներուն թափուած այդ գրականութի՛ւնը ըսես մթնոլորտ էր կազմած։ Ու երիտասարդ, թերեւս ազնիւ ալ այդ աղջիկները պլշկուած կը թուէին իրենց հոգիէն, այդ ամէնօրեայ ուսումներուն ուրուային գոլովը։

 

-- Ո՞ւր են հիմա։

 

Պահակը չպատասխանեց։ Հարցումին տարտամութիւնը անիկա սովորութիւն ունէր շահագործելու։ Այս մասնայատուկ ճարտարութիւնը անոր կու տար առիթ իր միտքը մարզելու, մա՛նաւանդ խօսելու, անոր ամէնէն գրաւիչ առաքինութիւնը։ Ի վերջոյ, մեր մարմինը միջոց մը կը գտնէ մեր ամէնէն զօրաւոր տուրքը օգտագործելու աս ու ան խողովակով։ Սեռային հոսանուտը արուեստի վերածող տեսութիւնը յիմար վարկած մը չէ։ Ներքինին մեծ համոզող մըն է։

 

-- Քեզի կ’ըսեմ, չե՞ս լսեր։

 

-- Քաւ լիցի, հանըմ էֆէնտի, ինչպէ՛ս թէ չեմ լսեր, միայն չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կ’ուզէք իմանալ։

 

Անիկա շատ լաւ գիտէր Եղնիկին փափաքը։ Բայց իր բառերուն հետ իր դէմքը կը թուէր հեռանալ իրմէ։

 

-- Ո՞ւր են հիմա։

 

-- Որո՞նք։

 

-- Ապտա՜լ [22], իբր թէ չի գիտեր։

 

Պահակը գլուխը ծռեց, ընդունելու համար գեղեցիկ նախատինքը, ինչպէս ըրած ըլլալու էին անոր պապերը, դարերով, արժանավայել լրջութեամբ ու պատկառանքով ընդունելու համար ծեծը իրենց տէրերուն։ Անոր ամփոփուած դէմքին ինկած էր անստոյգ ալ վախ, զոր զգացին երկու աղջիկները։ Ուրկէ՞, ինչո՞ւ կը վախնար սեւ սատանան, որուն ճիրանները բաւ էին տասը յիսնապետ տասը տարի ծուղակելու։

 

-- Ինչո՞ւ չես խօսիր։

 

Հիւանդ էր, քիչիկ մը ջղագար։

 

Անոր փափաքներուն դէմ նուազագոյն ընդդիմութիւն մը պատճառ կը դառնար ծանօթ նոպաներու, որոնք հեծկլտագին յօրանջէն կը փոխուէին ուրիշ բաներու, հետզհետէ զարգանալով դէպի սիրտ բզկտող լացը, ա՛լ բարձրաղաղակ։ Պարզ ունկնդրութիւն մը բաւ էր հաստատելու շատ խոր ու սրտառուչ գեղեցկութիւն մը անոր բառերուն մէջ անմուրատ պատանութեան ողբէն անջատուող։ Մահուան ծարա՜ւ, բայց բնական, որովհետեւ պարզ, բխող՝ սա օրրաթոռին տոպրակի մը պէս ձգուած մարմինէն։ Աշխարհին եսասէր չարութի՜ւնը, զոր ախտաժէտները կը զգան այնքան անվրէպ՝ ուրիշներու արգահատանքը վերածելով այդպէս ստացուած, թունաւոր իմաստութեան մը։ Մարդոց անգթութիւնը, որոնց մեղքը ուրիշ բան չէ, քան, իրենց կարգին, կեանքը ընդունելու այլապէս իմաստուն հերոսութիւն մը։ Վայե՜լքը, ու անոր կապուած յուզումին ժահրը…։ Պէտք չէ շատ իջնել կարգ մը բաներու խորը, որոնցմէ մէկը՝ սի՛րտը աղջիկներուն, աւելի ճիշդը՝ աղջկան, զարնուած իր ջիղերուն սարուածէն։ Այս արտասուայեղց ու բզկտող տեսարաններէն իրենց սարսափին համար, անոր ծնողքը կը զգուշանային դիմադարձելէ անոր քմայքները, ճարտարօրէն ձեւը գտնելով անոր հետաքրքրութիւնը շեղելու, կեդրոնացումէ արգիլելու, գործածելով սպասուհիներու բարձր թիւ մը, իւրաքանչիւրին մէջ մասնակի տաղանդ։ Հիւանդի անոր մարմինին մէջ իմացականութիւնը մնացած էր քիչ, անաճուն, թէեւ անոր զգայարանքներուն մէկ մասը, մասնակի՝ ականջներն ու սեռային կեդրոնները գացած ըլլային գերաճումի։

 

-- Խստիւ պատուիրեց, որ չխօսիմ ձեզի։

 

-- Ո՞վ, արջուն թո՞ռը։

 

-- Ոչ։

 

-- Ո՞վ ուրեմն։

 

-- Սիւլէյման օնպաշի ն [23] ։

 

-- Ատ ո՞վ կ’ըլլայ կոր։

 

-- Աքիֆ պէյին փոխանորդը…

 

Պահակը լռեց։ Շա՞տ խօսեր էր։

 

Եղնիկը (հինգ տարեկան չեղած անոր անունը փոխած էին Կազէլ ի, աչքերուն մեղմութեանը, ինչպէս բարակ մարմինին տարօրէն ողորկ քաղցրութեանը, սարսռոտ խրտչունութեանը համար) ուզեց խօսիլ, բայց անոր կոկորդին մէջ ծանր բան մը կը թուէր կենալ։ Վա՞խ։ Բայց ուրկէ՞։

 

Միւս կողմէն հաւաքուած էին սպասուհիները։

 

Անոնք, մեծ մասով գերի, այսինքն՝ դրամով գնուած, կը պատկանէին տունին, առարկաներու ընտանութեամբ մը։ Գիտէին իրենց արժէքը ու պատրանք չունէին իրենց ճակատագրէն։ Բայց կը շարունակէին ծառայել, այսինքն՝ ապրիլ, ինչպէս ուրիշները՝ սիրել, հարստանալ, ընտանիք կազմել։ Թուրք ընկերային կազմակերպութեան արդիւնք այդ աղջիկները, այնքան առատ՝ արուներու սակաւութեան դիմաց, բախտին նպաստաւոր բերումին [24] յղի մնալէ ետքը (փաշան կամ պէյն ու աղան շատ ալ չէին փնտռեր աղբիւրին վաւերականութիւնը` նուաճուած ըլլալով անոնց յարաճուն թիւէն), կը ճարէին սանկ ու նանկ էրիկ մը։ Մինչեւ այդ երջանիկ օրը, անոնք ապրանքն էին իրենց տէրերուն։ Միսոտ ալ, նիհար ալ։ Սեւ կամ ճերմակ։ Գրաւիչ ու թանձրօրէն տգեղ, ցեցակեր երեսներով։

 

Տասնէն աւելի էին անոնք քոմանտան փաշային ապարանքին մէջ, մեծ մասը տասնի­տասնմէկի դուռներուն [25] անցած՝ Գերմանիա ըրած այդ անասունին ճիրաններէն, ու հիմա քսանէն վեր, շահած տեսակ մը վիրաւոր ընտանութիւն։ Տարիքի անհաւասար սանդուխը անոնց մէջ կը ստեղծէր անշուշտ վէճն ու կռիւը, նախանձն ու մրցանքը։ Բայց կեանքը վեր է մեզմէ, ըսել կ’ուզեմ՝ ապրելու հարկը կը հարթէ մեծ դերբուկներ։ Իրար գզելէ, նախատելէ, դաւելէ ետքը, անոնք հաշտուիլ գիտէին իրարու թերութիւններուն ու տանտիկինին ծանր, կարեկցող շուքին մէջ կը լրջանային։ Իրենց պարտադիր աշխատանքէն զատ, անոնք կը կատարէին հիւանդապահուհիի տեսակ մը պատուակալ պաշտօն։ Անոնցմէ կարեւորները, տաղանդի մէյ­մէկ գիծով, մօտիկ կը կենային Ֆերուզէին, որ զանոնք կը նախատէր բիրտ ու վայրագ, յետոյ՝ կատուի մը պէս անոնց գլուխները իր գիրկը առնելով, անոնց կոկորդէն վար կը նետէր սուղ շաքարներ ու շոքոլաներ։

 

Լեզուանիները, գեղանիները, խռովայոյզ բնաւորութեամբ ու վագրի անգթութեամբ ան միւսներն ալ, որոնք պատմել ու գրգռել գիտէին, պալատին, բանտին, հրապարակին, կառավարական ընդարձակ դիւաններուն խճող ու մութ կեանքը, անցուդարձը կը դիտէին, իրենց սաւանուած աչքերուն մաղովը, ու մարդերը, զինուորներն ու փաշաները, փոքրաստիճան ու յոխորտ յիմարները՝ ինչպէս աւագ պաշտօնատարները, կը դատէին տարօրինակ կենդանութեամբ մը։ Ասոնք լուր ունէին քաղաքին ալ գայթակղութիւններէն։ Աւելի՛ն. հիւանդ աղջկան հետ, երեք տարիներէ իվեր իրենց մտերմութիւնը, անոնցմէ մէկ երկուքին տուած էր բացառիկ իմաստ։ Անոր սենեակը պառկողները, ասոնք, երկուքն ալ թարմ, այսինքն՝ պահած իրենց պարմանութեան աշխոյժն ու նրբահամը, իրարմէ շնորհալի։ Որոնք անոր մարմինը կը հիւսէին իրենց ձիգ, ոստուն միսերուն մէջ, փոխն ի փոխ, իրար խածնելով զգայուն իրենց կեդրոններէն, յետոյ՝ համբոյրով փայփայելու համար հիւանդին պտուկները, տարօրէն խոշորցած այդ դառն մարձումներով։ Գաղտնի այս կապերը այդ աղջիկներուն իրաւունք կու տային ամէն րոպէ ըլլալու Ֆերուզէին մօտ [26], միշտ ըսելիք մը իրենց լեզուին տակ, եթէ չունէին ընելիք…

--   Գիտե՞ս, Ֆերուզէ, լմնցուցեր են։

 

-- Ի՞նչը։

 

-- Հայերուն գործը…

 

-- Ուրկէ՞ գիտես, - նետուեցաւ մէջ Եղնիկը կրակ առած` ակնովի փնտռելով սեւ սատանան, որ աներեւոյթ էր եղած։

 

-- Իմ չգիտցածս չկայ։

 

-- Բայց ուրկէ՞ գիտես, կ’ըսեմ քեզի։

 

Անոր ձայնին մէջ խորագոյն յուզում։ Ու խորութիւն, զոր չէին ճանչցած անոր վրայ։

 

-- Ջուրը ակէն կը խմեմ։

 

Խմողն էր Ֆերուզէին սիրականը, սպասուհիին բառով՝ «սիրահարը», դասական թարմութեամբ, խորապէս շինուած ։ Իր բազմապիսի զբաղումներուն մէջ ե՞րբ կը գտնէր անիկա ատեն իր դէմքով այդքան մանրակրկիտ ձեւով մը շահագրգռուելու։ Անիկա համբաւ ունէր, նայուածքին տարօրինակ բացութեամբ։ Ու կոտրտուքովը, ժպտելու, լաչակը կրելու իր կերպերովը։ Նոյն ատեն, պալատին ամէնէն գեղանի կտորն էր անիկա։ Ու ջուրը կը խմէր իր ակէն ։ Փոխաբերութիւնը ընդարձակ է շատ, ջուրի տեսակներուն հետ համեմատուած։ Ու սիրային իր արկածները, որոնք զգացումին բոլոր աստիճանները չէին մերժեր, անիկա վէպի մը համովը կը մօտեցնէր հիւանդին երեւակայութեան՝ ինչպէս զգայարանքներուն։ Ոչ ոք գիտէր, թէ անիկա ինչպէ՛ս կը գտնէր ատեն սպաներուն դարպասելու, որոնք անոր ազդեցութիւնը հիւանդին վրայ՝ կը շահագործէին զանազան խաղերու եւ դաւերու համար։ Ոչ ոք գիտէր, թէ ինչպէ՛ս, մա՛նաւանդ ո՛ր [27] ծակին մէջ կ’ընդունէր բանտի շրջապատին ամէնէն ուժով արուները, լուսցնելով անոնց ծոցը ու լոյսէն առաջ իր անկողնին մէջ փռուելով խաղաղ, խաբելու աստիճան՝ սրատես ու կասկածոտ ներքինին, քոմանտան փաշան, որ կ’ախորժէր զայն ձեռնելէ, յորմէհետէ իր զգայութիւնը արթննար։ Ու անոր վայելապատումը իսկական վայելք էր ողնայարէն տառապող Ֆերուզէին։ Որքան քիչ է թուղթը` առնելու համար տարածութիւնը մարդոց ապրումներուն։

 

Իրողութիւն էր, որ քոմիթաճի ներուն սպաննուիլը, փաշաներուն մեկնումէն ալ առաջ, հասած էր բանտին կարեւոր կեդրոնները, որոնք «լուրը» ընդունեցին խաղաղ ու գոհ այլուրութեամբ։ Զանգուածային ջարդերու վայելքէն յետոյ, թուրքերու խղճմտանքը դարձեր էր գրեթէ ախտազերծ։ Անհատներու մաքրագործումը անազդեցիկ էր անոնց ջիղերուն։

 

Ջուրը ակէն խմողը պարտաւորուեցաւ գոհացում տալ Եղնիկի «բուռն հետաքրքրութեան»։

 

-- Բայց ամէն մարդ գիտէ, փոքրիկ հանըմ։

 

-- Ո՞վ, ինչպէ՞ս։

 

-- Այնպէս՝ ինչպէս եղած է։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Թակոյկներուն սենեակը։

 

-- Բոլո՞րը։

 

-- Մէկը ողջ է։

 

Եղնիկը շունչ առաւ։

 

-- Անոր ալ կարգը, առտուն։

 

-- Ո՞վ՝ ողջը [28] ։

 

-- Երգողը։

 

Եղաւ լռութիւնը։

 

Ու քալեց ժամանակը` հաստատելով սիւրմէլի [29] ֆաթմայ ին յուզումը, ուրիշներու ալ բերնով։

 

Դեղնա՞ծ, շա՛տ, Եղնիկը, որպէսզի զգային ատիկա բոլորը։

 

Ծարիրուած սպասուհին, կարեկցուն, առաւ անոր այտերը ափերուն, գողտր ու հեղինակաւոր։ Ի՞նչ ունէր այդ աղջիկը այսպէս տիրելու համար սեռակից ուրիշներու, որոնք այդ ափերուն գգուանքին տակ տարօրինակ փափկութիւններ կը գտնէին, խտղտուն ու արու։

 

-- Ի՞նչ կ’ըլլաս։

 

Եղնիկը չպատասխանեց։ Անիկա վախ ունէր անոր աչքերուն նայելու։ Ծանր հոտերով բեռնաւոր սրահին մէջ պճպճուն կենդանութիւն էր ծայր տուած, ոճիրով, արիւնով, դեռ ուրիշ բաներով տարտամօրէն հպանցուած այն հոգեկանութիւնը, որ յուղարկաւորութիւնն ու հարսնիքը կը յատկանշէ։ Առանց որոշապէս գիտակցելու, տղաքն իսկ բան մը կը զգան, երբ հարսնեթափօրին ետեւէն միամիտ ու խոշոր ծափ կը զարնեն, իրենց պտտիկ մարմինները վեր­վեր նետելով։

 

Մուրացկանէն նոր երգ մը, աւելի թեթեւ։ Որ կ’արձագանգէր, իբր թէ դրան ետեւէն ըլլար եղանակուած։

 

Ինչպէ՜ս պիտի ուզէին բանալ մեծադիր պատուհանները, աւելի՝ քակել հսկայական պատերը, առնելու համար այդ ձայնը ներս, այսինքն՝ առնել ներս ինչ որ վարը, այդ սրճարաններուն մէջ ունկնդիր մարդոց առնութիւնն էր, այդպէս մածուցիկ՝ երգին անտես լարերուն։ Ժողովրդական եղանակը ինքնաբերաբար շարժումի էր հաներ անոնց ոտքերը, անզգալի կշռոյթի մը լարելով [30] անոնց կուրծքերը, մարմինին ուրիշ մասերը։ Թուրքերու բարձր դասակարգը, այդ օրերուն, իր սրահները կը կիսէր` մէկուն մէջ դիզելով արուները, նուագածուները, միւսին մէջ էգերը, պարուհիները։ Մարդու հասակը հազիւ անցնող գորգէ այդ վարագոյրին երկու կողմերուն, հարսնեւորները կը զարգացնէին խրախճանքը։ Նուագածուները՝ խոր ու տարփալից։ Պարուհիները՝ խենթ, բայց անաղմուկ։ Թուրքերուն նամեհրամը դէմքին չափ կը տարածուի ձայնին։ Ու կ’այրին անոնք, իրենց կոկորդին ու մատներուն մէջէն պարպել ջանալով հաստ գոլը սեռին։ Ասդին, այդ հոսանուտին տակ կրակ առած կիները [31] իրենց մարմինները կը լարեն դժնդակ, սպառող պարին։ Անդէմ այդ միսերէն կը յորդի յուզումը, ոտքերն ու ափերը կը խենթենան։ Հաւաքական, անանուն այս տարափը սեռային հեղանուտին, սա նախնական սիրտերուն վրայ երբեմն «մահու չափ» կ’ազդէ։

 

Աղջիկները գրեթէ կը պարէին։ Ու իրարու քսուող միսերուն խուլ տագնապին մէջ թիկնաթոռին գամուած աղջիկը ծոցին էր դրած ծարիրուած, հոյակապ գլուխը ջուրը ակէն խմողին, շրթները տժգոյն, խածնել վախնալով հաւկիթները անոր այտերուն։ Անիկա նեղուեցաւ։ Այսինքն՝ առանձնութիւն կ’ուզէր։

 

Մեծի, տանտիրուհիի պակասը դեր ունէ՞ր սա զգայութեանց, սա երեւոյթներուն պարզումին վրայ։ Ֆերուզէին հեռացումէն յետոյ, մնացողները շրջապատեցին սեւամորթ պահակը, անոր կաշի այտերը, հաստ կողերը, թեւերը առած իրենց մատներուն մէջ, ու ոտքի չափով, կարգով կը հեծնային անոր քամակին, քաշելով մազերը, բայց փրցնելու չափ ուժգին կսմթելով անոր միսերուն առատ խուրձերը։ Բարկանալու անկարող ներքինին անոնց երեք­ չորսը իրարու կը բերէր իր թեւերուն լայն աղեղին մէջ, ու կը թխմէր անկիւններուն։ Այս ամէնը մռայլ, անթարթ նայուածքին տակը Եղնիկին։

 

Երգը դադրեր էր։

 

Կառքեր թաւալի ելան։ Երիտասարդ մը երգին յանկերգը կրկնեց.

Մ’անցնիր դուռիս առջեւէն,

Ով ի՛նչ գիտէ մեր սիրտէն…

 

Ոչինչ գիտէր ուրիշին սիրտէն, սա մեր աշխարհին։

 

Սրահը տրտմեցաւ, ինքնիրեն, առանց որ ուրիշ բան մը մտնէր անկէ ներս, քան անանուն պատգամը սիրտին գաղտնիքին։

 

Լալու մօտ, Եղնիկը ելաւ դուրս սրահէն։ Անոր կը հետեւէր սեւամորթ ներքինին։

 

*  *  *

 

Մեզի ծանօթ մարմարեայ բակին, լեմոնի մեծկակ թաղար մը իրեն ապաստան ըրած՝ Եղնիկը, քիչ մը մսկոտ, անհանգիստ կը սպասէր տեղակալ Աքիֆ պէյին։

 

Իր տարիքին մէջ, ուրիշ աղջկայ մը վրայ, իր արարքը բացայայտ ոճիր մըն էր անշուշտ։ Օրիորդը դատեց այս դառնութիւնը, բայց անցաւ անդին։ Նոր չէր, որ կը տեսնուէր տեղակալներու, գրագիրներու, մեծազարմ տղոց հետ։ Աւելի՛ն. գիտէր իր արթնցուցած խռովքն ալ այդ «արջու թոռան» զգայարանքներուն վրայ։ Աւելի՛ն. գիտէր պալատը առանց մեծի։ Բայց այդ ամէնէն վեր, անոր մէջ կ’աշխատէր անծանօթը։ Ընթացիկ հետաքրքրութիւն մը անզօր է բացատրելու անոր քայլին տարօրինակութիւնը։ Վճռեր էր բանալին ունենալ բանտին ու պիտի ունենար։

 

Սեւամորթ պահակը խիստ պատուէրն էր առած, զայն՝ տեղակալը փնտռելու, գտնելու, իր անունով ու բերելու հոս, լեմոնի թաղարին ետին, ուրկէ պիտի չփոխէր իր ոտքը։

 

Քառորդ ժա՜մ, կ’ըսենք ու կ’անցնինք։ Եղնիկը իր որոշումը տալէն յետոյ միայն զգաց ծանրութիւնը հետեւանքին։ Անոր մտքին մէջ Սողոմե՜նց տղան անորոշ, հեռաւոր կէտ էր սակայն։ Երկար մտածեց մօրը: [32] Անոր մարմինին մէկ քանի ձեւերը թանձրացան իր աչքերուն։ Ու ինք կը զարմանար ատոնց յառնումին։ Բոլորն ալ վարի, Ջերմուկներու պալատէն, խոհանոցին, վարպետ Հաւատիսին, պարտէզին պարունակով։ Ո՞ճը՝ այդ ձեւերուն։ Ատ ալ կարծեց գտնել, վասնզի հակառակ տեղի, թուականի տարբերութեան, իրարմէ անկախ այդ պատկերները կը կրկնէին միակ, մեծ գիծը, մօրը դէմքին խաղաղ ու տաքուկ բարութիւնը, որ զայն կ’ողողէր, երբ ուրիշները խնդացնէր, մեծկակ նուէրով մը ազատելով նեղն ինկած դժբախտը կամ հասնելով վտանգաւոր հիւանդներու։ Յանկարծ, իր մտամոլորանքին մէջ՝ անիկա կանգ առաւ սպաննուած երկու հայերուն, անոնց այն պատկերին, որ անցեր էր քանի մը ժամ առաջ անոր աչքերէն, սա դուրսի կոպճուղիին վրայով։ Ու տեսաւ կարճահասակ, նիհար տղուն կարօտալից, համարձակ նայուածքը։ …Ինչո՞ւ չյաջողուեցաւ անոր կաղապարել նաեւ երրորդին դէմքը։ Անոր չմտածելու սա բարուրանքը անբաւական էր բացատրելու անոր հսկայ յուզումը։ Իր մարմինին դողը անցեր էր լեմոնի թաղարին, որ կը շարժէր իր ոստերը, հակառակ ապակեայ ցուցափեղկերուն, որոնք հովը կ’արգիլեն։ Անիկա ոտնաձայն լսել կարծեց։ Ոչինչ։ Դուրսը շէնքի կտորները ֆանթասթիք աւերումով մը։ Ծառերն ու մութ հողերը առանց նկարագրի։ Ներսը, կուրծքին տակ գողտր, ջերմ խռովք մը, որ անոր ստինքները կը տաքցնէր ու ծոծրակին փոսին կայլակ­կայլակ կը կաթկթէր։ Նիւթական այս զգայութիւններէն դէպի իմացական երանգէ յուզումները՝ ճամբա՞ն։ Զարտուղի, բայց իրական։ Ան ինքզինքը ուժով զգաց՝ խորհելով իր ծառայութեան, զոր իր խելքովը կը մատուցանէր հօրը ու, այդ գիծով, իր պետութեան։

 

 

Տեղակալ Աքիֆ պէյը յայտնուեցաւ` առաջնորդուած Գարա Մուսթաֆայէն։

 

Հոտաւէտ։ Պեխերուն ցցունքը լրիւ։ Բրնձափոշին ածիլուած անոր դէմքին կապտորակ փայլը կը մեղմէր առատ, քիչիկ մը կարմիրի զարնող ճերմակով մը։ Քունքերէն վեր, մազերը օծուն։

 

Արդուզարդի սա գռեհիկ կատարելութի՞ւնը, մենաւոր սա ժամուն։

 

Եղնիկը տպաւորուեցաւ վատ։ Մեծ վիպամոլ՝ անիկա նոյնացուց ներկայացող սպան գիւղական Տոն Ժուանի մը տիպարին։ Յուզումէն, վախէն, կարճ կապելու միամիտ եռանդով մը, անմիջական վճիռով անցաւ խօսքի.

 

-- Աքիֆ պէյ, կ’ուզեմ, որ այս գիշեր, կէս ժամուան համար յանձնէք ինծի բանտին բանալիները։

 

-- Բանտի՞ն։

 

-- Այո՛։

 

-- Բայց ո՞ր բանտին։

 

Սպան նկատի ունէ՞ր պալատին փայտանոց, ածխանոց եւ ուրիշ բաժինները, որոնք պարագային համեմատ տնային առժամեայ բանտերու կը վերածուէին, աս ու ան ծառաները արգելափակող։

 

Եղնիկը մտածեց քիչ մը եւ յիշեց.

 

-- Թակոյկներու սենեակին։

 

-- Թակոյկներու սենեակի՜ն։

 

Սպան, կրկնելով, ետ էր ցատկեր։

 

-- Ի՞նչ ունիք։

 

-- Հանըմ էֆէնտի, անկարելի բան կ’ըսէք։

 

-- Այդպէ՞ս։

 

-- Ձեզի համար, առանց թարթելու, ինքզինքս կը զոհեմ, բայց բանալինե՜րը։ Ուղիղ անկարելին է ատիկա։

 

-- Ինծի համար անկարելին չունի գոյութիւն։ Կ’ուզեմ բանալին ու դուք պիտի տաք։

 

-- Ձեր փաշա հայրիկին հրամանն անգամ չի կրնար բանալ բանտը, սա ժամուն։

 

-- Թերեւս։ Բայց հայրս ուրիշ, ես ուրիշ։ Չէ՞ք ընդունիր ասիկա։

 

Սպան կակազեց, պատասխան ճարելու փոյթին մէջ, դէմքը կնճռոտելով։ Այդ պրկումին տակ անոր արտայայտութիւնը նոր կը թուէր բերուած արօտավայրէն, այնքան գեղջուկ անոր հաստութիւնը, գծաւոր ու տափակ, զայն ըրաւ ծիծաղելի։ Պալատական օրիորդի մը հետ խօսելու առի՜թը։ Սա տարադէպ ժամուն, ի՜նք՝ որ կիներուն հետ բնական բարբառը հայհոյանքը կը դաւանէր։

 

-- Հայրս ուրիշ, ես ուրիշ։

 

Դիմացէն ոտքի ձայներ։ Պահնորդ խմբակն էր, որ իր հսկողութիւնը կը պտտցնէր։

 

Զգուշաւոր սեւամորթը քալեց կամացուկ։ Տեղ կայ, ուր բերնին պաշտօնը հաճոյքով կը վստահինք ոտքին կամ ձեռքին։

 

Անոր հետեւեցան երկուքը, առանց հրաւէրի, վասնզի պէտքը կը զգային պատսպարուած անկիւնի մը։ Սանդուխի բերնին ելեւէջը անպակաս էր։ Ամէն րոպէ սպասուհի մը կրնար սողոսկիլ վար, իր արկածներուն։

 

Առանց խօսքի։

 

Անոնք եղան գետնայարկի բազմաթիւ սենեակներէն մէկու մէջ, մատենադարան առաջնորդող նրբանցքին մուտքին։ Լամբ ու զինուորական իրեղէններ։ Սեղան։ Մտրակ մը, արծաթ կոթով, որ ցրուեց լոյսը։

 

-- Հոս կրնամ ինքզինքս բացատրել, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Կը խորհիմ, թէ աւելորդ է ատիկա։

 

Եղնիկը քաշեց մեղմ շունչ։ Կուրծքը կաղապարեց ինքզինքը։ Մուշտակ անոր օձիքին վրայ այտերէն մաս մը անծանօթ բեհեզի շերտի [33] մը պէս ուրուացաւ ու թռաւ։ Անոր աչքերը եղան խոր ու մշուշոտ։ Բանաստեղծ մը պիտի ըսէր՝ անդիմադրելի։

 

-- Ու խօսիլ, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Կը խորհիմ, թէ խօսիլն ալ աւելորդ է։

 

-- Բայց կ’անդրադառնա՞ք, թէ ի՛նչ կ’ուզէք ինձմէ։

 

-- Կատարելապէս։

 

-- Ամենեւին։

 

-- Բայց պարզ, շատ պարզ բան մը, սենեակի մը բանալին, որ ձեր քովն է այս գիշեր։

 

-- Սենեակի մը բանալի՜ն, բայց դուք իմ քայքայումս է, որ կը վճռէք ձեր այս բաղձանքով։

 

-- Չեմ յիշեցներ ձեզի քանի մը վայրկեան առաջ ձեր յայտարարութիւնը։ Գիտեմ, թէ կան այդ մարդերը, որոնք առանց թարթիչ շարժելու ճամբայ կ’իյնան, երբ մատ մը զայն գծէ իրենց։ Բայց ատկէ աւելի կարեւոր է ձեզի յայտնել իմ մտածումս ձեր մասին։ Ձեզի բախտ ու յաջողութիւն փափաքելէ զատ՝ չունիմ ուրիշ զգացում։ Հիմա կարծեմ բաւական պարզ է կացութիւնը։

 

-- Շնորհակալ եմ ձեր սիրտէն։ Բայց…

 

-- Բայց, ի՞նչ։

 

-- Բայց զինուորական օրէնքները վեր են մեր ու ձեր անձէն։

 

-- Այդքան մե՞ծ են անոնք։

 

-- Անտարակոյս, հանըմ էֆէնտի։ Բանտին դուռները, սա ժամուն, ոչ ոքի կրնան բացուիլ։

 

-- Պիտի բացուին ինծի։

 

-- Դուք կ’ըսէք ատիկա։ Ձեզմէ զատ ամէն մարդ համոզուած է սակայն ատոր բացարձակ անկարելիութեան։ Հարցուցէք Մուսթաֆային։

 

-- Պէտք չունիմ ոչ ոքի հարցնելու կարելիութիւնը իմ փափաքին։ Կը խնդրեմ, որ բարի ըլլաք զիս հասկնալու։ Վէպ մը չէ, որ կ’ապրինք։ Սա ժամուն ու սա պայմաններուն, երբ Եղնիկը բան մը վճռած է ընել, վստահ կրնաք ըլլալ, որ պիտի ընէ՛։ Ու պիտի ընէ, եթէ հարկ ըլլայ, ու աւելի ճիշդը՝ երբ դուք չըլլաք բաւարար չափով խելացի` անցնելով ձեր վրայէն։ Պա՞րզ։

 

-- Ներողութիւն, հանըմ էֆէնտի։ Կ’արտօնէ՞ք ինծի, որ համարձակիմ ձեզի հարցնել. ի՞նչ է ձեր գործը, սա ժամուն, այդ զնտանին խորը։

 

-- Պարզ, շատ պարզ բան մը։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Ծառայել հայրենիքին։

 

-- Բայց ձեզի՞ է մնացեր ատիկա։

 

-- Թուրքերուն դժբախտութիւնն է ատիկա։ Ամէն բան այրերու ձեռքով։

 

-- Անտարակոյս։ Պատմութիւնը ուրիշ բան չէ սորվեցուցած մեզի։ Յետոյ չեմ տեսներ կերպը այդ ծառայութեան։ Կ’ենթադրեմ, թէ իրողութիւնը հասած է մինչեւ ձեզ։ Երբ աւարտած է գործին մեծ մասը…

 

-- Կը մնայ կարեւորագոյնը։

 

-- Ինչպէ՞ս։

 

-- Անշո՛ւշտ։ Չի բաւեր մարդերը սպաննել։ Աւելի անհրաժեշտը, զանոնք մղելն է խոստովանութեան։

 

-- Ի՞նչ բանի…

 

-- Ինչ որ մահը կը ծածկէ։

 

-- Միամիտ էք, շա՛տ, հանըմ էֆէնտի։ Ձեր տարիքին հասկնալի, որ չճանչնաք այդ ժողովուրդը։ Անոնք կը մեռնին` գաղտնիք չտալու համար։

 

-- Ես ձեզի պէս չեմ մտածեր։

 

-- Բայց չունիք այդ իրաւունքը։

 

-- Ո՞ր իրաւունքը։

 

-- Ձեր սեռին եւ տարիքին պարտքը ինչո՞ւ կ’անտեսէք։ Ինչո՞ւ կ’անտեսէք մա՛նաւանդ փաստը, բոլորովին թարմ, մեռան ու ոչինչ ըսին։

 

-- Վասնզի սխալ էր ձեր մօտենալու կերպը։

 

-- Ուղի՞ղը։

 

-- Ա՛ն՝ որ ծրագրած եմ ընել։

 

-- Վէ՞պ կը պատմէք։

 

-- Մարդը տարիքին ենթակայ չէ միշտ։

 

-- Բայց հանըմ էֆէնտին շատ լաւ բան մը կ’ընէ, եթէ մեզի, այրերուն ձգէ քաղաքականութիւն ընելու պարտքը։ Մենք միայն գիտենք, թէ ի՛նչ կ’ընենք, ինչպէ՛ս կ’ընենք մեզ ատող օձերուն հետ։

 

-- Տեղակալ Աքիֆ պէյ, պարտաւոր էք զիս ամէն գնով առաջնորդել թակոյկներուն սենեակը։

 

-- Բացի նիւթական անկարելիութենէն   --վասնզի բանտին դուռները սա ժամուն չորս մարդու ներկայութեան կը բացուին (կը ստէր անիկա հաճոյքով` բանտին մարմինին մէջ առնելով անոր ստորաշխարհն ալ, որ ենթակայ չէր միւսին օրէնքներուն)–, հանըմ էֆէնտին բարի կ’ըլլայ անշուշտ նկատի առնել անհուն պատասխանատուութիւնը, զոր իր փափաքին իրագործումը պիտի արժէր ինծի։

 

-- Տեղակալ Աքիֆ պէյը իր բերնով կը խոստովանի, թէ բանալին իր քովն է։ Կը հաստատէ, թէ դուռը կրնայ բացուիլ։ Բայց կը խորհի հետեւանքներուն ու իր մերժումը կ’արդարացնէ հաւանական պատիժի մը սարսափով։

 

-- Հաւանակա՞ն։ Բայց ստո՛յգ ըսէք, օրիորդ։

 

-- Հաւանական կ’ըսեմ, վասնզի բացի Մուսթաֆայէն ոչ ոք պիտի գիտնայ դուռին բացուիլը։

 

-- Ինչպէ՞ս։

 

-- Շատ պարզ կերպով մը։ Ես պոռալու չեմ իմ այցելութիւնը աշխարհին։ Կ’ենթադրեմ նոյնիսկ, որ անիկա ապարդիւն կրնար անցնիլ։ Այն ատեն ան տղան պիտի մեռնի վաղը առտու եւ բանտը պիտի ծածկէ իմ քայլերուս հետքերը, ինչպէս այնքան ուրիշներունը։ Այնպէս որ, ձեր մերժումը իրաւացի ու անբուժելի բեկում մը պիտի արժէր իմ սրտին, տեղակալ Աքիֆ պէյ։

 

Կը խօսէր թեթեւ յուզումով։ Հասուն։ Մուշտակին գողտր գգուանքը անոր այտերն ի վեր թեթեւ ու բաց քաղցրութեամբ բաբախումի էր ելած` արտայայտելով խորունկ ու հեշտագին բանը, զոր կնոջ մը միսը կը հագնի, ներքին հեղումէն։ Այդ խռովքին մէջ՝ անիկա անդիմադրելի էր ուրիշէն աւելի ինքը իրեն։ Մեր մարմինը կը գտնէ այս հմայքները դժուար որոշումներուն լոյսովը կարմրած։ Մահուան գացող աղջիկ մը սրտառուչ է, հիներուն բառով՝ վսեմ, երբ կը նայի դահիճին։

 

Պահակին ներկայութի՞ւնը, «արջերու թոռներուն» հանդէպ ազնուական արիւններուն ընդոծին արհամարհա՞նքը, թէ աւելի տարօրինակ զգացումներ կը միջամտէին, որպէսզի անիկա չվախնար երիտասարդէն։ Ոչ միայն [34] այդ։ Ըլլար պահանջկոտ, քմահաճ, շփացած ու քիչիկ մըն ալ կին, պահելու նոյն ատեն հովը, որ մեզ կ’ընէ կիրքէն ու ցանկութենէն վեր։

 

Անիկա, օգտուելով անորոշ լքումի մը ուրուանկարէն, որ սպային դէմքը կը տարտղնէր իր խստութենէն, մօտեցաւ անոր։ Համարձակ անոր նայուածքը կեցուց երիտասարդը, որ ատեն չունեցաւ ինքզինքը պաշտպանելու։ Երկարեց թեւը դէպի անոր գրպանը, ուր բանալիները ուռեցք մը կը կազմէին, մինչ միւս թեւը կը խաղար անոր վերարկուին մէկ կոճակովը։ Գլուխը հեռու անոր շունչին հասողութենէն, բայց վստահ իր ըրածին։

 

Այս ընտանութիւնը ունեցաւ իր ազդեցութիւնը։

 

Անոր ձեռքին մէջ էր բանալիներու տրցակը։

 

Ու այդ ամէնը արագ՝ որքան բնական։

 

Տեղակալը չկրցաւ ամբողջացնել հաստ իր ժպիտը, վասնզի աղջկան պայծառ լրջութիւնը կրկին տիրեց պատկերին։ Եղնիկը, բանալիները ձախ ճկոյթին՝ հեռացեր էր երկու քայլ։ Ու ասիկա նահանջ ալ չէր։

 

-- Ձեզի հետ պիտի գամ։

 

-- Ձեր գիտնալիք բանն է ատիկա։

 

Անոնք ելեր էին դուրս սենեակէն։

 

Վարանում։

 

Պահակին իմաստութիւնը հոս ալ միջամտեց, որպէսզի տեղակալ Աքիֆ պէյը մնար զգոյշ, չվտանգելու համար իր ու իր մեծին պատիւը, քանի որ իրականութիւնը ուրիշ էր արդէն։ Մինչեւ ստորաշխարհին դուռը, [35] պահնորդ խումբերու հանդիպումը անխուսափելի։ Ու զինուորին լեզուն ամէնէն անխելք բանը ըլլալուն չափ, ամէնէն ալ աղտոտ բանն է գայթակղական դէպքերու դիմաց։ Ի՞նչ հարկ իյնալ անոնց բերանին։

 

-- Այնպէս չէ՞, տեղակալ պէյ, դուք ըսէք։

 

-- Այնպէս է, - ստիպուած էր պատասխանելու խորունկ տրտմութեամբ երիտասարդ սպան, որ կ’երեւակայէր աղջիկը ստորերկրեայ կամարին ներքեւ, վախէն մեղմով հակած իր մարմինին…

 

Միւս կողմէ՝ նոյն այդ իմաստութեան փաստով, Եղնիկին համակրանքը ու հաւանական սէրը գրաւելու լաւագոյն եղանակը վստահիլն էր անոր, լիակատար ու պարզ վստահութեամբ։ Կիները միշտ տկար են զինուորականին հանդէպ։ Անոնք պիտի սիրեն զանոնք մա՛նաւանդ անոնց մեծանձնութեան դասէն նուաճուած։ Այսպէս կը մտածէր փիլիսոփայ ներքինին։ Ու կը հարցնէր.

 

-- Այնպէս չէ՞, տեղակալ պէյ, դուք ըսէք։

 

-- Այնպէս է, այնպէս է, - ստիպուած էր պատասխանելու միամիտ երիտասարդը, որ նման ամէն սիրահարի՝ տղու պէս կ’ախորժէր ինքզինքը յանձնելէ ուրիշին մտածումին, թելադրանքին ու նպաստին։

 

Սեւամորթը կը խորհրդածէր հանդարտ ու վարակիչ։ Ո՞ւր էր սորված սա սողոսկուն ու համոզկեր իմաստութիւնը։ Նման հարցում մը անիմաստ է՝ եթէ քրքրենք անոր կազմութիւնը, որ տեղի ունեցած էր կանանոցներու մթնոլորտին մէջ։ Կիները զանոնք կը յարդարեն իրենց դասական ու նենգ հրապոյրովը, որ կ’անցնի ամէն ներքինիի ուղեղին՝ ջիղերուն փոխարէն։

 

Առնելէ յետոյ բանալին, պատկառուն ու լուրջ    --ուրիշները նախատելու ձեւերէն մէկն է զանոնք խաբելու մէջ մեր հանդարտութիւնը-, զայն առաջնորդեց մարմար բակը։ Սպան կը քալէր յուզուած, պատասխանատուութեան զգացումէն աւելի՝ դեռ կրելով իր ջիղերուն վրայ կսկծագին բան մը։ Ապակեփեղկ դուռին՝ անիկա դանդաղեցաւ։ Սեւամորթը, մարգարէին անունով անոր խոստացաւ իր «ձեռքէն եկածը»։ Հանըմ էֆէնտին շատ աւելի մեծ զոհողութեանց արժանի աղջիկ մըն էր։

 

-- Այնպէս չէ՞, տեղակալ պէյ, դուք ըսէք…

 

-- Այնպէս է, այնպէս է…, - ստիպուած էր հաստատել «արջու թոռը», որ սուզուեցաւ մութին մէջ` մտաբերելով իր քաղաքիկը, անոր մեծահարուստ մէկ պէյին աղջիկը, քիչիկ մը ծանօթ, քոյրերուն մեղսակցութեամբը, բայց անհով, բայց փուտմիս, մօտիկը դրուած ներսի աղջկան։

 

*    *    *

 

Անոր մեկնումէն հինգ վայրկեան ետք, աւաղելով անդադար բոլոր աղջիկներուն յիմարութիւնը, յամառութիւնը, անխղճութիւնը   --անիկա գիտակից էր իր ալ պատասխանատուութեան, երբ դէպքը ծակէր--, սեւամորթ պահակը ինքզինքը ապահովելով ամէն անակնկալի (հայթայթած էր ատրճանակ, մոմ, լուցկի, սուլիչ) դէմ, ինկաւ հանըմ էֆէնտիի առաջքը, որ իր մուշտակ-վերարկուին վրայ ձգեր էր կապարագոյն մեծ ուրիշ վերարկու մը, եւ բռնեց ուղղութիւնը ստորերկրեայ կայանին։ Անիկա ընտրած էր ամէնէն կարճ ճամբան։

 

Անսովո՞ր։

 

-- Չէր սա պտոյտը փաշային աղջկան։

 

Պահնորդ ջոկատները նոր չէ, որ կը տեսնէին զայն։ Մօրը կամ հօրը հետ, նոյնիսկ առանձին, անիկա յաճախ կը ճեղքէր սա հրապարակը, մա՛նաւանդ ձիւնոտ գիշերներուն` երթալու համար հանդիպակաց կառոյցները, գրաւուած քաղաքային պաշտօնէութեան ընտանիքներէն։ Նոր կուսակալը, համատի աղջիկներովը շաբաթը մէկ­երկուք ընդունելութիւն կու տար սարայլը ին ու աղջկան։

 

Տեսան զայն Անատոլուի հեռաւոր մէկ խորշէն, խրճիթէն քաղաք ինկած մարդուկները, տաքցան ու անցան։

 

……

 

Ճամբան, մեզի ծանօթ տեքորով, բայց մութէն այլայլուն։

 

……

 

Թակոյկներով սենեակին մուտքին, սեւամորթ պահակը վառեց պահեստի մոմերը, մեծ դժուարութեամբ։ Խոնաւցած անոր մատները լուցկին ըրեր էին գուլ։ Ու խելք չէր ըներ լապտերը գործածելու։ Այդ անցքերուն, աշխարհի ծակ ու ծուկերուն քաջածանօթ աղուէսը վախ ունէր կռնակէն, հակառակ անոր, որ մուտքի դուռը ամուր էր պաշտպանած։ Որո՜ւն խելքը կը հասնէր ուղիղ, կը յաւակնէր հասած ըլլալ աղջիկներու քմայքին, թէկուզ՝ խոնարհագոյն խրճիթներու սեմին, երբ սանձակոտոր կը նետուին սեւաչուի ձիաւորին ետեւէն, հեքիաթին՝ ինչպէս իրականութեան մէջ։ Որո՜ւն խելքն է հասեր կիներու գործին, երբ փաշաներն ու արքայազունները կը խաբեն անոնք իրենց ամուսիններու կապարճակիրին կամ խոհարարին հետ։ Արեւելքի կանանոցները միայն սեռին բուժարանները չեն, այլ՝ անկամ, գէջ ու տարօրէն կենդանի աշխարհ մը, ուր կ’աճին ճախինները մարդերու հզօրագոյն կիրքին։ Ու այդ մօրուտքին տիրական անասունը՝ ներքինին։ Անիկա պալատներու գարշութիւնները կը հերկէ, ինչպէս երկրամայրը հողերուն իգութիւնը։ Ու իմաստուն է կիներու հաշւոյն։ Այսինքն՝ գիտէ աւելի, քան սիրահարները, ամուսինները, հայրերն ու մայրերը։ Ու կը մտածէր սեւ Մուսթաֆան, իր տիրոջը աղջիկը ձգած առջին, իր անսխալ տախտակներով։ Ո՞վ կ’երաշխաւորէր աւելի լայն աստիճանի վրայ, սանձակոտոր փախուստ տուող աղջիկներէն ետքը, զգայարանքները արիւնը խենթ տղոց, որոնք սա պայմաններու մօտ վիճակներով, ելեր էին իրենց հունէն, դանակով, բազուկով, դղրդող ու անդիմադրելի ու ինկեր կիներու կռնակին՝ արիւնը, կործանումը, մահը աչքերնին առած։ Հեքիաթ չէ ասիկա։ Բանտի երկու հազար հերոսներէն կէսէն աւելին հոն էր եկած արգանդի ճամբով։ «Անօթի փորը ականջ չունի» ըսեր է ֆրանսացին։ Թուրքերը ըսած են աւելի խոր իմաստութեամբ, աւելի խորունկ բան մը, գրեթէ նոյն տարազով, բառի մը միայն փոփոխութեամբ, փորը վերածելով սեռին։ Ներքինին կը տրամաբանէր տակաւին աւելի մօտ տուեալներով։ Ո՞վ կ’երաշխաւորէր զգայարանքները «արջու թոռ» տեղակալին, որպէսզի արջավայել իմաստութեամբ մը չբռնաբարէր մուտքը բաւիղին, իյնալու համար Եղնիկին քամակին։

 

Կը մտածէր, գրաբար՝ կ’անդաճէր պահակը` ձեռնելով ատրճանակը ու կը քալէր։

 

Անոնց աչքին զարկաւ դռնեզրին, սաքուի վրայ մոռցուած մեծ լապտերը։

 

Ծռեցան երկուքով։ Մոմերը իրենց կէսերէն վար իջեր էին։ Ապակիներուն վրայ մեծ մատի հետքեր։ Տեղ­տեղ կարմիրի վրայ տժգոյն գիծեր, որոնք հեղուկի քալուածքով տարածուեր էին։

 

Եղնիկը, աւելի սառնարիւն, խելք ըրաւ կափարիչը բանալու։ Մոմերը վառելու անոր պարզութի՜ւնը։ Հարսանեկան այդ լապտերը ինչե՜ր կ’արթնցնէր անոր մէջ։

 

Հատիկ­հատիկ բռնկեցան ստեղները։

 

Այն ատեն, լոյսի այդ առատութեան մէջ բացուեցան տեսարանին մեծ գիծերը։ Տիրականը՝ պարոյրն էր թակոյկներուն։ Պատերուն ակռանե՛րը։ Անոնց մէջ կատարուած հատումներուն սուր ու անյարդար լքումը, որ ոճն է պետական շինութիւններուն, այսպէս անխնամ ու անճոռնի։

 

Անիկա զարկաւ թակոյկի մը փորին, որ արձագանգեց։ Պարա՜պ։ Հասակէն բարձր էր հողէ ամանը ու նման ամէն կոկիկ աղջիկի, հագուստը զգուշանալով՝ անիկա չմսեցաւ [36] անկէ ներս։ Ուրիշներ, ցածուկ։ Որոնց երեսին ջուրը կը խտղտար կիսակարմիր լարերով։

 

Մարմար բակէն մինչեւ սա մուտքը վերատեսուչ փաշային անիմանալի աղջիկը չտուաւ ու չառաւ ոչ մէկ հարցում։ Պճլտուն, աղբիւրի պէս անսպառ անոր բերանին սա կղպուածքը, այսքան նոր ու մռայլ տեսիլներու ընդմէջէն, մա՛նաւանդ դէպի արիւնի հանդէս մը, տպաւորեց իմաստնայեղց պահակը։ Կիներու ներանձնական ճնշումներուն անգայտաչափը ներքինին է յաճախ։ Փոթորիկէն առաջ դասական է օդերուն կապարեայ լռութիւնը։ Սեւամորթը վախցաւ։ Ու վախցաւ շատ մը բաներու համար, մէկ անգամէն։ Քսան տարի է կը ծառայէր պալատին, անկէ առաջ ուրիշ պալատի։ Իրեն պատահեր էր իյնալ աղջիկներու, մինի­մինի հանըմներու առջին ու տանիլ, ամէն մարդ գիտէ ո՛ւր։– Պատշգամ, ջրամբար, պարտէզի մէջ յարդարուած տաղաւար, ճոխ սենեակներ, վստահ՝ հոն սպասող արուին անձէն, ցեղէն, աստիճանէն։ …։ Հո՜ս։ Անիկա կը մտնէր անծանօթին մէջ սա աղջկան վրայով։ Ո՞վ էր դրած, անոր տակաւին կակուղ ուղեղին, սա խենթութիւնը։ Մէկ քայլով վտանգելու աստիճան այնքան բաներ։ Ո՞վ՝ այդ հայուն կտորը, որոնց հազարը փարա մը չէր արժեր, չորս­հինգ տարի առաջ, երբ շուկաներու երեսին գնդակն անգամ շատ կը տեսնէին անոնց սատակումին։

 

Սենեակ­սրահէն ներս մտնելէ առաջ, Եղնիկը ուսերէն նետեց կապարագոյն վերարկուն։ Զոր փութաց կախել գամի մը՝ մտազբաղ պահակը։ Հանըմներու մարմինէն կարելի հետքեր, թաշկինակ, բոյրի սրուակ, ապարանջ, մատնի, թուղթ, պայուսակ, զգեստի մաս անոր զարհուրելի թշնամիները եղան։ Ժամադրումներու այդ լուռ, բայց անհերքելի վկաները բաւ էին կիները ընդմիշտ վտանգելու։ Ու փորձառաբար անիկա յաճախանքին տակն էր ամէն առարկայի, որ կիներու վրայէն կը զատուէր… արկածներու տեւողութեան։ Ան ի՜նչ հայհոյանքով անիկա կը հաւաքէր փշրանքները սեռային փոթորիկին, երբ կիրքէն խելայեղ այդ հանըմները, իրենց մարմինը մերկելու աճապարանքին մէջ, իրենց կոճակները կը փրցնէին, կամ՝ իրենց մազերու որաները պարպելու ատեն իրենց միսերուն ձիւնին վրայ, փղոսկր ու ոսկի սանտրերն ու ասեղները կը մոռնային բարձերու փոսին, սաւաններու ակօսին։

 

Գամէն կախ սա վերարկո՜ւն։ Սեւամորթը հետզհետէ առնուեցաւ սա քայլին խոր տարօրինակութեամբը։ Ի՜նչ ունէր պզտիկ հանըմը սա չտեսնուած տղուն հետ։ Անիկա մօտեցուց ցերեկուան իր պաշտօնը, Սողոմին խօսելու, սա «արկածին» հետ։ Բայց անոր ուղեղը չկրցաւ իրարու կապել երկու դէպքերը, ա՛յնքան վեր էր այս վերջինը առաջինէն, որ ամէն միւսլիւմանի սրբազան պարտքն է։ Հաւատացեալին համար աստուածահաճոյ գերազանց արա՜րքը. ճեհեննէմ ի դատապարտեալ մը ճեննէթ ի զաւակ ընծայելն է եղած։ Բարիքի, խերի այս զգացումը գոյ [37] է մատաղներուն՝ ինչպէս տարւօքներուն մէջ։

 

Լոյսին անհաստատ խաղը կը նպաստէ՞ր սա հոգեկան տարտղնումին, որպէսզի չկարողանար ինքզինքը կապել մտածման մը անիւին։ Անոր ձեռքը ճակտէն վար ըրաւ բարակ քրտինք մը։ Խորութեանց մէջ բարեխառնութիւնը անփոփոխ է։ Սա քրտի՞նքը։ Մտածեց նորէն ամենագէտ պահակը ու կը տառապէր։

 

-- Ի՜նչ տաք է…

 

Եղնիկն էր։

 

Ձայնը ջանաց երկարել, բայց շուտով փրթաւ ու թափեցաւ վրան, բաղնիքի կամարէն շոգիին նման։ Այս կարգի զգայութեանց զեղծումներ, նոյնիսկ հոգեկան խորունկ տագնապներու պահուն նոթուած են վերլուծողներու կողմէ։

 

Եօթնաստեղն լապտերը՝ սեմին։

 

Եղնիկը նետեր էր ձեռքերը մազերուն, որոնք վերարկուին հանուելովը կորսնցուցած էին իրենց պարոյրը։ Զարդարա՞նք։ Հարցուցէք ատիկա կիներուն։

 

Այդպէս յարդարուած՝ անիկա եղաւ պատշգամին անիմանալի պուպրիկը։ Յուզումը, վախը, օդին ճնշումը թեթեւ մը վարդերանգած էին մորթին դալուկ ճերմակը, այտերուն վրայ շարի մը պէս փռելով Պրուսայի դաշտին դեղձային մարմրուքը, որ պտուղներն ու միսերը, մինչեւ իսկ շերամներուն թելերը կը պահէ իր պատգամին [38] ներքեւ։ Մատի քանի մը ճարտար հարուած աշխատած էր տարտղնել այդ կիսակարմիր բեհեզը դէպի գիծերը կզակներուն, դեղին սաթի խմորի մը մէջէն, որով կը խոնարհէին անոր այտերը դէպի վիզը։ Մուշտակին օղակը։ Որ ճերմակէն տարբեր բանով մը կը բաժնէր անոր դէմքը մեղրագոյն իրանէն։ Մոմերուն լոյսը մեր զգեստներուն կը շնորհէ տեսակ մը հեղուկութիւն` մետաքսի դոնդողի մը վերածելով թաւիշն ու բեհեզը, աղջիկներու քամակէն։ Մութի խա՞ղ, աչքի պատրա՞նք, օղակը կը թուէր զատել, վերցնել, օտարացնել անոր գլուխը։ Ուր այտերու բացատներուն բան մը կը բաբախէր, պարմանի յուզումը պարզ ու բարակ, ինչպէս կրակ մը, զոր թեթեւ շունչ մը կը ջանայ բանալ մաղմաղին գորշութենէն։

 

-- Որո՞ւ։

 

Մտածեց պահակը, բայց անձայն, լապտերը կախ աջ ձեռքէն՝ անցաւ ներս։

 

Ետեւէն ինքզինքը բռնած, այսինքն՝ երկու ձեռքը երկու ծիծերուն, արգիլելու համար կուրծքին ցայտը [39] դէպի դուրս, Եղնիկը հետեւեցաւ պահակին։

 

Անորոշ, ուրուային, երկիւղառիթ մութը տեղի տուաւ մեծ լապտերին։ Անոնց առջեւն էր լայն սենեակը, խոնարհող առաստաղով, կեդրոնի աւազանին կանոնաւոր բոլորակովը։ Դէմէն՝ սեւ փորուածքը, ուր աղօթեր էր շէյխ Սապիթը՝ ոճիրէն առաջ։

 

Առաջին զգայութի՞ւնը։

 

-Առաստաղին փակած իրա՜նը, երկայնահասակ երիտասարդին։

 

Կապի բարակութի՞ւն, թէ զգայութեան արագութիւն. այդ մարմինը կը թուէր բխած առաստաղին այդ կէտէն ու մորթուած անասունի մը նման անցած կեռին։

 

Սառեր էր արիւնը անոր երակներէն։

 

Ու, մասնակի պատրաստուած ըլլալուն հակառակ, սիւրմէլի ֆաթմա ն չէր կրցած զսպել գութի, սարսափի դասական ճիչը.

 

-- Աննէմ [40]

 

Թուրքերն ալ կը պոռան իրենց մամաներուն։

 

Սեւամորթը, քաջատեղեակ ոճիրին մանրամասնութիւններուն, փութաց զայն սրտապնդել.

 

-- Մի վախնար. մեռած է շատոնց։

 

Խուլ, գուլ, խոռոչաւոր էր անոր ձայնը։ Կամարակապ վայրերու համար խօսելու բացառիկ գիտութիւն մը չկայ անշուշտ, որ աղջիկները սրտապնդուին։ Դողը կը ծաւալէր անոր երակներէն։ Մահուան հետ անդրանիկ ճակատումը ունի այս մութ քայքայումները մենէ ներս։ Փաշաներու աղջիկներն ալ պիտի մարզուին այդ կոծումներուն։

 

Անոնց առջին աւազանին բոլորակը, ութանկիւն յօրինուածքով։ Սալերէն շատին վրայ լատինական տառեր։ Զանոնք իրարու հիւսող կապար ձողիկները միսի մէջ մխրճուած կարիճներու կը նմանէին ու խորապէս տխուր բան մը կը բարձրանար անոր չերեւցող երեսէն։

 

Ճակատի այս ամայութիւնը զայն դարձուց աջին։

 

Սողոմը, ծունկերուն վրայ։

 

Որ չկրցաւ փախցնել իր երկարած գլուխը։ Լսեր էր քայլերը շատ հեռուներէն։ Հանած խաչը մտովի։ Պատրաստած էր հոգին ու ակռաները խածնելով աչքերը փակած։ Ժամ մը ամբողջ անիկա այսպէս մարզեր էր ինքզինքը գերագոյն րոպէին, արժանիքով, քաջութեամբ դիմաւորելու համար մահը։ Իր արհամարհանքը թուրքէն անոր մէջ փոխուեր էր քաղցր, սրտապնդիչ հաւատքի։ Լոյսը անոր իմացական սա կառոյցը քայքայեց քիչ մը։ Ուզած էր բարձրանալ սրունքներուն վրայ` չգիտնալով պատճառը։ Բայց փլած գետին։ Անոր ծունկերը կտրեր էին իրենց կապերէն։ Ու ձեռքերը զիստերուն, սպասման տարօրինակ անձուկով՝ անիկա երկարեց իր գլուխը։

 

Տժգոյն։ Զուրկ՝ ամէն արտայայտումէ։ Գերեզմանէն բխած մարդերը հեքիաթը այս երանգով կը պատկերէ [41] ։ Մինչեւ կեանքին առաջին կրակները, այդ ուրուականները զետեղելի չեն արարածներու սանդուխին։

 

-- Հոս է։

 

Եղնիկը ինքնիրեն էր ըսած ու քալեց։

 

Երկրորդ անոր քայլը գտաւ Մաթիկ Մելիքխանեանցը, կիրէն ալ ճերմակ երեսով։ Ու ամբողջ թղթածրարը անոր դատավարութեան։ Ու ամբողջ եղջերուաքաղը անոր ուսերուն բարդուած ոճիրներուն, որոնց հաւատացեր էր հօրը նոթերը ըրած պահուն, քիչ յետոյ առանձնութեան մէջ հերքելու համար։ Ու անոր պատկերը, տակաւին քանի մը ժամ առաջ, աղբիւրի գլխին, ջուր խմելու համար։ Բայց մա՛նաւանդ անոր համարձակ, ուզող նայուածքը, որ ծակեր էր անոր բիբերը, պատռեր անոր հոգիին անհուպ դոնդողը ու իջեր դէպի խորունկ առանձնարանները անոր մարմինին, ուր մեր անձը կը քնանայ, հեքիաթին աղջիկին նման, սպասելով ձիաւորին…։ Առաջին ուժով աչքը՝ անոր մարմինը խտղտող։

 

Տարօրինակ էր, որ լապտերէն լոյսը կապուտիկ շերտեր, բիծեր, ալեակի կտորներ ստեղծէր այդ միսերէն, որ մեռելի անոր երեսները կը կազմէին, ջախջախուած մարմինին խառնակոյտ աւերակին վրայ։ Դիակի այս իրականութիւնը երկրորդ զօրաւոր ցնցումով մը զայն դողացուց ոտքէն մինչեւ մազերը։ Բայց չունեցաւ առաջին ճիչը։ Սողոմին ներկայութիւնը զսպեր էր անոր «մայր»ը դեռ կոկորդին մէջ։ Այս ճիգը նեղցուց անոր շունչը։ Փէշե՞րը քսուեցան Մաթիկին բաճկոնին, որպէսզի ընդոստ նետուէր ասդին։ Մեռելները մատներ ունէի՞ն, ինչպէս կը կարծէր երբեմն հեքիաթը։

 

Քովն էր Սողոմին։

 

-- Թուրքերէն գիտե՞ս։

 

Այս հարցականը անիկա դրեր էր մտքին, բաւիղ մուտքէն անմիջապէս յետոյ։ Մանկունակ են ու կը մնան մեր բոլոր որոշումները, որքան ատեն, որ դառն հիասթափումներ մեզ իմաստուն չընեն։ Հասուն աղջկան մը համար, օտարականի մը հետ, առաջին բա՞ռը։ Իրա՛ւ որ բան մը կ’արժէ։

 

Տղան չհասկցա՞ւ, թէ չուզեց պատասխանել։ Վեր էր առած սակայն ուժատ կոպերը։ Անոր աչքը հազիւ կրցած էր սանկ կէս նայուածք մը ըլլալ։

 

-- Չե՞ս լսեր։

 

-- Կը լսեմ։

 

-- Թուրքերէն գիտե՞ս։

 

-- Գիտեմ։

 

-- Ոտքի ելիր։

 

Սողոմը ըրաւ ճիգ։ Մկաններու եւ ճիգի խառնշտուկ մը աւելի տժգունցուց անոր դէմքը։ Կիսատ տուաւ անիկա շունչը։ Մնացեր էր գամուած իր ծունկերուն։

 

-- Չեմ կրնար։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

Չէ՞ր գիտեր, սա հարցումը ըրած պահուն, երեք ժամերը, որոնք անցեր էին դաժան տեսարանին սկիզբէն ասդին։ Անիկա չգործադրեց մտքին ուրուացող շարժումը։ Նոյն ատեն իր արարքը թանձրութիւն կը ստանար։ Մեծ յուզումներու խթանին տակ մեր գործունէութիւնը հոլովման արագութեան կ’ենթարկուի եւ կը կորսնցնէ իր անհատականութիւնը։ Կը վազենք ու չենք տեսներ մեզ։ Քոմանտան փաշային աղջիկը անշուշտ լիովին չէր գիտակցեր զինքը մղող ուժերուն։ Սողոմին հետ դէմ դէմի կենալ մը զինքը դարձուց մեծ, վտանգաւոր իրականութեան։ Ինչո՞ւ եկած էր։ Ընելի՞քը։ Ըսելի՞քը։

 

Ու կը նայէր տղուն, որուն կախ գլուխը ուժ չունէր ինքզինքը վեր ընելու։ Եղաւ այն վարանքով լռութիւնը, ուր խօսքն ու շարժումը կը փնտռուին, բայց կը խուսափուին։

 

Իջաւ անիկա իր ծունկերուն։ Ըրե՞ր էր այդ շարժումը, օրեր առաջ, հիւանդանոցին մէջ, երբ փակաչք ու զառանցող տղուն սնարին անիկա այցուեր էր զօրաւոր դողէ մը, զիստերն ի վեր, զոյգ թեւով, որ կը միանար աւելի բարձր կէտի մը։ Այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա, սա տղուն դէմքին վրայ, խոր տժգունութենէն դուրս քիչ բան, որ անոր ոճիրը, ասոր կապուած խռովքն ու հետեւանք մահը թելադրէր։ Այս պատրանքը չի բացատրուիր կողմերու [42] հոգեբանութեամբ մը։ Փաշաներու աղջիկները վայելքէն դուրս ձեւով չեն կրնար ըմբռնել երիտասարդութիւնը։ Թուրքերով տիրապետուած հողերու մէջ ամէն հայ, սա տարիքներուն, ինքզինքը բռնուած կը զգայ խուլ մղձաւանջով մը, որ չի մեկնուիր, բայց իրական է անոր ջիղերն ի վար։ Կեանքը փոխ տրուած բան մըն էր մեր երակներուն։ Պարտուած քաղաքի մը մէջ ինծի տրուեցաւ խոր ու պայծառ խտութեամբ մը փորձը առնել այս զգայութեան։ Հոն կապուած մարդեր կային, որոնք կացինին տակ գլուխ ծռելէ առաջ, այնքան հեռու կը թուէին մահէն։ Հրացանի որոտ մը, ռումբի մը պայթումը երբեմն բաւ են մթնոլորտ յարդարելու դէպի սա զգայութիւնները։ Յետոյ՝ ինծի կու գայ, որ մենք մեր սպասումը, մահուան համար հասունութիւնը աւելի յստակ կը տեսարանենք [43], երբ ստիպուած կ’ըլլանք մեր հասակը բաց կրելու, փոխանակ զայն ծալած, առնել նստելու։

 

Անոր ճիշդ դէմը, սեւամորթը։

 

Որուն ձեռքէն ատրճանակը սեւ շողիւնով մը խտղտեց ու խոցեց անոր աչքը։

 

-- Դիր գրպանդ։

 

Սուր, շեշտ, նեղուած՝ այդ հրամանը։

 

Մեղմ, քաղցր, էգ՝ անոր միւս շարժումը, որով կիները իրենց քղանցքները կը տարածեն իրենց աչքերուն [44] ։

 

Նոյն ատեն, անոր մազերէն, շունչէն, հագուստներէն բարակ­բարակ հաւաքուեցաւ ու փրթաւ հոտաւէտ այն հոսումը, որ հարուստ տիկիններուն ետեւէն կը պտտի, ու անոնց ներքին անձնաւորութեան փլազմա ն կը յօրինէ, տարօրէն պարզ, ընտանի՝ մեր ռունգերուն, մեզ խռովելով իրական ուժգնութեամբ։ Այսպէս կը տպաւորեն կիները հեռու զգայարանքներ։

 

Սողոմը այցուած էր հիւանդանոցէն։ Հոտերուն ճամբով։

 

-- Զիս կը ճանչնա՞ս։

 

-- Տեսեր եմ։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Հիւանդանոցը։

 

-- Քունի՞դ մէջ։

 

-- Կարելի է։ Տեսած եմ պատշգամին ալ։

 

-- Ե՞րբ։

 

-- Օր մը, շաբաթ մը առաջ։

 

-- Լաւ։ Եկած եմ քեզի օգտակար ըլլալու։

 

Աչքերուն հասողութեան իջած անոր դէմքին՝ Սողոմը աշխատեցաւ նայիլ աւելի ուժգին։ Բայց, իմացական շփոթումով մը եղաւ հեքիաթի մը կախարդուած մէկ պալատին մէջ, ուր իրեն պէս շղթայուած երիտասարդի մը առջին կը կենար նման աղջիկ մը, ձեռքին ոսկի մկրատ…։ Անիկա ճիգ ըրաւ միտքը ազատել ցնորքէն։ Ու գիտէր, որ պիտի չկրնար, ինչպէս չէր կրցած շղթայակապ երիտասարդը…

 

-- Ինչո՞ւ կը վախնաս ինծի նայելէ։

 

-- Կ’ուզեմ նայիլ, բայց դժուար է։

 

Չէր գիտեր, թէ կը յայտնէր հոգեկան ու մարմնական իր սպառումին սաստկութիւնը։ Մարդոց ջիղերը, երկաթ ալ ըլլան, պիտի մաշին։ Պիտի մաշէին այն քանի մը ժամերէն, որոնք անոր ետեւը կը կենային։ Ոճիրին ամբողջ տեւողութեան՝ անիկա չափեր էր Նալպանտենց տունը, մուտքը, զոյգ սպանութիւնները, Աղուորին մարմինը ու կրակը…։ Յետոյ՝ յանձնուած լքումին։ Հոգին խածած՝ որոշեր էր չզգալ, մահը անիրացնել։ Սպանողներուն մեկնումը պահ մը պղտորած էր իր դժուար խաղաղութիւնը, զինքը դարձնելով իր մենութեան, մա՛նաւանդ վաղուան սպառնալիքին։ Ու աղօթք ալ, շարական ալ, Նալպանտենց հարսն ալ եկեր ու անցեր էին, մինչեւ որ կեանքն [45] ու մահուան ուրուն յոգներ էին իրենք իրենցմէ, ձուլուելով միապաղաղ մշուշի մը մէջ, որ կը փռուի, կ’ըսեն, անոնց, կեանքին ու մահուան մէջտեղ։ Հեքիաթը երբեմն կը շահագործէ այդ չէզո՜ք գօտին։

 

-- Լաւ մտիկ ըրէ հանըմ էֆէնտին։

 

Եղնիկը հաճոյքով հանդուրժեց սեւամորթ[ին] [46] սա միջամտութիւնը, հոգեկան անզբաղութեան օրէնքով մը, որ մէջտեղը կը կենայ մեր անգիտակից աշխարհին եւ դեռ անտարազ որոշումներուն։ Անիկա տակաւին չունէր յստակ, իր մտքին մէջ, տարրերը ըսելիքին ու ընելիքին։ Վէպերու աղջիկ, թերթօնական, [47] սա աշխարհին մէջ մխուելէ յետոյ է, որ զգաց կշիռքը իր արարքին։ Ու նայուածքով քաջալերեց ճարտար փաստաբանը, որուն համոզիչ լեզուն կ’արժէր աւելի քան եօթը աղջիկ, թուրք տունէ ժմնած։

 

-- Քեզի աղէկութիւն ուզողն է։

 

Պահակը կեցուց նախադասութիւնը, ատեն տալու համար տղուն, որպէսզի միտքը պատրաստէ մօտիկ անցեալին։

 

-- Այն ատեն չտուի անունը։

 

Ու ձեռքի կլոր շարժումով անիկա տղուն միտքը նետեց ցերեկուան սենեակին, հընզըր ներուն հետ։

 

-- Կը յիշես, չէ՞, քեզի տրուած խրատները։

 

Սողոմը կը թուէր հաւաքել իր միտքը։ Անոր դէմքին եղաւ քիչիկ մը հանդարտութիւն։ Որմէ յետոյ, անոր կոպերը ըրին հաստատական շարժումը։

 

-- Այն ատեն անունը չէի կրնար տալ։ Կեավուր ները թոյլ-բերան [48] կ’ըլլան։ Հիմա, ահա ինքը։ Կ’ուզէ, որ ազատիս։ Մեղք է արեւուդ։ Միտքդ կու գա՞յ։ Բառ առ բառ կը կրկնեմ ըսածներս։

 

Սողոմը գլուխով հաստատեց պատմումը։ Անոր աչքերը կը թուէին ուժովնալ։ Բայց, յատկանշական պարագայ, անոր մէջ ուրախ տարրը կը պակսէր դեռ. [49] մահուան բերնին [50] այդքան իջնալէ ետք, [51] դժուար կը դառնար կեանքին։

 

-- Հասկցա՞ր, թէ ո՛վ եմ։

 

Ըսաւ համարձակ, բայց եղաւ անհամարձակ առնելու ափին անոր ձեռքը, ինչպէս բանաձեւած էր անոր միտքը, իր առաջին շարժումը, տղուն հետ ծանօթացումէն ետք, երբ տուեր էր որոշումը թակոյկներու սենեակը մտնելու։ Անոր երկրորդ շարժումը պիտի ըլլար զայն հրաւիրել երգելու, թէեւ կը զգար անտեղի այդ փափաքին ծանրութիւնը, այդ պայմաններուն մէջ։ Մտածեց, բայց չբռնեց անոր ձեռքէն, «քրոջ մը պէս հետը խօսելու»։

 

-- Հիմա, պիտի ըսես ինծի գիտցածներդ։

 

-- Ատով դուն կ’ազատես քեզ։

 

-- Ես երդում կ’ընեմ, որ քեզ կրնամ վար առնել կախաղանէն։

 

-- Հանըմ էֆէնտիին մայրը սարայլը է։ Թագաւորը անոր խօսքը չէ կոտրած։

 

-- Ես կ’ազատեմ քեզ։

 

-- Ի՞նչ բանէ, - յաջողեցաւ տարազել մեծ ճիգով Սողոմենց տղան, որ չէր հասկնար խօսակցութեան մութ, չըսուած մասը։

 

-- Ասոնց ճակատագրէն։

 

Ու նայուածքով ցոյց տուաւ Մաթիկն ու առաստաղէն «բխած» տղան։ Նոյն թարթումը մէկ գիծի էր բերեր երկու դիակները։

 

-- Ես փաշային աղջիկն եմ։

 

Ինչո՞ւ կը կրկնէր՝ ինչ որ ծանօթ էր տղուն։

 

Կեցաւ։

 

-- Մամաս կը սիրէ հայերը։

 

Կեցաւ։

 

-- Մենք Հաւատիս մը ունինք, որ քեզի պէս անուշ կ’երգէ։ Ան որքան շատ երգեր գիտէ…

 

Կեցաւ։

 

-- Գիտես, թէ ես շատ կը սիրեմ անուշ ձայնը։

 

Տաք, հաւատաւոր, հետզհետէ աւելի համարձակ։

 

Եղնիկը կը տեղաւորուէր` ինքզինքը հանելով իր թերխաշ որոշումներուն միգամածէն։ Անիկա զգայութիւններ կը բանաձեւէր ` յայտնելով ձայներու հանդէպ իր արիւնին ժառանգական տկարութիւնը։ «Հաւատիս»ը հայ մըն էր։

 

-- Ի՞նչ կ’ուզէք ինձմէ։

 

-- Ըսես շիտակը։

 

-- Ի՞նչ բանի շիտակը։

 

-- Քոմիթաճի ներուն շիտակը։

 

Քաղաքականութիւնը մեծերուն գործն է։ Աղջիկներու բերնին տգեղ է անիկա։ Եղնիկը սահեցաւ փորձանքէն ու հարցուց, քաղաքականէն պարզ ոճիրը անցնելով, դատական կարգուսարքին քիչ­շատ վարժ ճամբով մը.

 

-- Դուն մատ ունի՞ս ադ մարդոց մեղքերուն մէջ։

 

-- Ո՞րն էր անոնց մեղքը։

 

-- Կեավուր ութիւն չ’ուզեր, - միջամտեց սեւամորթը, - մեզմէ լաւ գիտես ատոնց մեղքերը։

 

-- Մուսթաֆան խելացի մարդ է։ Ըսէ շիտակ ինչ որ գիտես այդ մարդերէն։ Ո՛չ միայն քեզի պիտի ըլլաս օգտակար, այլեւ՝ ձեր բոլոր գեղին։ Գիտցած ըլլաս։ Յետոյ խորհէ ինչ վտանգ աչք եմ առեր, մինչեւ քեզի հասնելու։ Ձեռքովդ մի կործաներ քեզ։ Ըսէ անվախ բոլոր, բոլոր գիտցածներդ։

 

-- Բայց ես շատ քիչ բան ունիմ։

 

-- Ըսէ քի՛չը։

 

-- Իմ գիտցածս, օտարական, ղարիպ մարդեր էին, ոչ ոքի գէշութիւնը ուզող։ Այսքան։ Լսածս, տեսածս ասկէ անդին չ’անցնիր։

 

-- Տեսնուեցա՞ր հետերնին։

 

-- Այո։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Ակնաղբիւրը։

 

Պրուսան ունի իր նշանաւոր Ակնաղբիւրը, քաղաքին ամէնէն նկարչագեղ դիրքերէն մէկը։

 

-- Հո՞ս, մե՞ր Բունար­պաշի ն։

 

-- Գեղը։

 

-- Ի՞նչ որոշումներ տուիք։

 

-- Երգեցի։

 

-- Երգեցի՞ր։

 

-- Այո։

 

-- Ի՞նչ երգեցիր։

 

-- Դուն չես կրնար հասկնալ։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Հայ չես։

 

-- Մինակ հայե՞րը կը հասկնան։

 

-- Մինակ հայերուն մայրերը այդպէս կը փնտռեն իրենց սիրելի զաւակները ու կու լան։

 

-- Օ՜, ատիկա մեր Հաւատիսին երգն է։ Որքան լսեր եմ։ Մայր մըն է, չէ՞։

 

Տղան չպատասխանեց։ Ազգային երգերու դէմ տաճկական հալածանքը խոր տպաւորութիւն էր ձգեր մէջը։ Եկաւ աչքին մռայլ տեսարանը, երբ վարժապետը հաւաքելէ յետոյ տղոց ձեռքով շինուած, գլխագիրները թռչնանկարուած բոլոր երգարանները, նետեր էր մոմ հալեցնող կաթսային տակը, աչքերը սրբելէն։ Ու դրացի գեղի մը վարժապետներուն շղթայակապ ա՜նցքը՝ փողոցէն, որոնք աքսոր կ’երթային «Ազատն Աստուած» ը փախցնել չկրնալնուն դատաւորի մը խուզարկութենէն։ Այս պատկերներու խուժումին տակ՝ անիկա կարմրեցաւ քիչ մը։ Ու հակառակ անոր, որ մահէն չունէր վախնալիք, մարմնական շարժումներով փորձեց իր ներքին խռովքը տարտղնել։ Անիկա ջանք ըրաւ փոխելու նստուածքին ձեւը։ Չէր կրնար։

 

-- Ծո՞ւնկդ կը ցաւի։

 

-- Կը ցաւի։

 

Նոր տեսաւ մուշտակաւոր օրիորդը խորտուբորտ մարմարը, որուն վրայ Սողոմենց տղան ծունկ էր ըրած, ով գիտէ քանի՜ ժամէ ի վեր։

 

-- Մուսթաֆա, վերարկուն բեր։

 

Դժկամ՝ պահակը հեռացաւ, հրամանը գործադրելու, լապտերին լոյսը տեղաւորելով դէպի մուտքը։ Անոր քայլերը ծանր­ծանր, բայց գուլ ձայներ ունէին։

 

Նայեցա՞ն իրարու, քիչ մը աւելի համարձակ։

 

Սեւամորթը դարձին, գտա՞ւ Եղնիկը քիչ մը աւելի մօտ՝ տղուն, թէ իր աչքերուն այդպէս երեւցաւ։

 

Եղնիկը ծալեց վերարկուն եւ իր ձեռքերովը զայն տեղաւորեց տղուն ծունկերուն տակ։

 

-- Ի՞նչ կ’ընես, հանըմ էֆէնտի։

 

Սիրտէն կ’երթար պահակին. պզտիկներու հինցած զգեստներուն իրաւատէրն էր անիկա, հեռաւոր մօրաքրոջ մը աղջիկներուն համար կը հաւաքէր զանոնք, ամէն տարի, պայրամին։

 

-- Լռէ՛։

 

Սաստեց աղջիկը ու հարցուց տղուն.

 

-- Հիմա՞։

 

Սողոմը, լուռ, չափեց աղջկան նայուածքը։ Պատասխանը մէջն էր իր նայուածքին։

 

-- Ուրի՞շ։

 

-- Ուրիշ ի՞նչ։

 

-- Հայաստա՞նը։

 

Այս բառն ալ ահաւոր աղէտ մըն էր այդ օրերուն։ Զայն գիտէին բոլոր թուրքերը։ Անոր արտասանութիւնը բաւ էր տեղն ու տեղը շանսատակ ընելու, թուրք հրապարակի մը վրայ, ֆէսատ ը, մուզիր ը, քոմիթաճի ն [52] ։

 

-- Հայաստա՞նը, - կրկնեց անիկա։

 

Ու նուրբ այդ աղջկան ձայնը եղաւ կարծր, չարաղէտ ծորում, գրգռելու չափ մահուան դատապարտուած տղուն զայրոյթը։

 

-- Հայաստանը մե՞ղք է, հանըմ։

 

Գրեթէ հաւասար խստութեամբ այս շեշտը չհասաւ աղջկան։ Տարուած իր իսկ ատելութենէն դէպի Հայ Յեղափոխութիւնը։

 

-- Ըսի՞ն քեզի։

 

- Անոնցմէ շատ առաջ է Հայաստանը։

 

Սողոմենց տղան իրաւ ու խոր կ’ըսէր։ Եղնիկը դարձեալ չըմբռնեց անոր մտածումին տարողութիւնը։ Անիկա ազդեցութեան տակն էր առօրեայ խօսակցութեանց, որոնք հայերու ձերբակալուիլը, աս ու ան քաղաքին մէջ բռնուած տինամիթները ունէին նիւթ։ Ու հակառակ անոր, որ սրտին խորէն կը սիրէր սա տղան, չէր կրնար զայն զատել իր ցեղային զգայնութեան թունաժէտ պարունակէն։

 

-- Պոմպաները։

 

Ո՞վ չէր պոմպաճի 1890ին։ Ո՞վ չէր՝ 1900ին։ Ո՞վ չէր՝ 1910ին ու քսանին։ Հիմա, Պոլսոյ ափ մը հայութիւնը մէկ օրէն միւսը կրնայ այդպէս որակուիլ ու դատապարտուիլ։

 

-- Չունէին այդ տեսակ բան։

 

-- Դուն սուտ կը խօսիս։ Առանց պոմպայի յեղափոխական կ’ըլլա՞յ։

 

Սողոմը լսած էր այդ «հաւկիթներէն», բայց տարիներ առաջ։ Հեքիաթի առարկաներ, որոնց անունը միայն կար, ու մարմինը՝ ոչ։

 

-- Ես պոմպա չեմ տեսած։

 

-- Պոլիս, թագաւորին պալատին վրայ յարձակո՞ւմը։

 

-- Հոս իմացայ այդ բանն ալ։

 

-- Հոն չըրի՞ք այդ տեսակ կարգադրութիւն։

 

-- Պոլիսը ո՜ւր, այդ մարդիկը ո՛ւր, հանը՜մ։

 

Կ’արտայայտէր գեղին խոր համոզումը յեղափոխական որակուած ցաւագարներէն, որոնք Իննսունվեցի դէպքերէն առաջ, կ’երեւային ամառները ու հազալէն­թքնելէն բաներ մը կը կարդային` կորսուելու համար խնամուած խորհրդաւորութեամբ մը։

 

-- Յեղափոխութի՞ւնը։

 

-- Անունը գիտեմ։

 

-- Ուրի՞շ։

 

-- Այսքան։

 

Ու քիչիկ մը տաք՝

 

-- Շիտակը կ’ուզէք, մինչեւ սա ժամը ես չեմ հաւատար ասոնց յեղափոխական ըլլալուն.

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Այդպէս։ Մենք յեղափոխականը տարբեր մարդ կը կարծենք։

 

-- Ինչպէ՞ս տարբեր։

 

-- Տարբեր։ Ուժով, կտրուկ, խելացի, ի՛նչ գիտնամ։

 

-- Ինչէ՞ն կը խորհիս, որ ատոնք չէին այս մարդիկը։

 

-- Բոլոր գեղացին կ’ըսէ ատիկա։

 

-- Ուրեմն ի՞նչ է քու մեղքդ։

 

Վեհերոտ աչքերով վեհերոտ սա հարցումը, անակնկալ՝ որքան խռովիչ։ Բիբէն՝ ինչպէս ձայնէն սա վախին մէջ ի՞նչն էր, որ կ’ուզէր ծածկուիլ։ Վասնզի Սողոմը զգաց այդ ընկրկուն, արգահատող բեկումը անոր շեշտին, երբ Եղնիկը քաղաքական պարունակէն անցաւ զգացականին [53] ։ Նրբութիւններ կան, որոնք զգալի դառնալու համար խտութեան որոշ ոլորտի կը կարօտին։ Երեք ժամ մահուան մէջ ապրիլ մը մեր ջիղերուն կու տայ ընդունակութիւններ, որոնց կասկածը չունէինք օր մը առաջ։ Յետոյ՝ դէմքէ դէմք անջրպե՛տը, դիրքի, հարստութեան, համբաւի տախտակնե՜րը, որոնք երկու խօսողները այնքան իրարու կը հակադրեն։ Փաշայի աղջիկ ու գեղջուկ տղայ։ Մէկը՝ որ պիտի մեռնի։ Միւսը՝ որ նոր կը սկսի սիրտը [54] ։

 

-- Քու յանցա՞նքդ, կը հարցնեմ քեզի։

 

Կը հարցնէր… գրեթէ դողալով։ Վասնզի նոյն վեհերոտ արտայայտութիւնը ձայն էր անցած իր մարմինին։ Սողոմը մոմերու լոյսէն խաղի մը մօտ էր վերագրելու սա անհանգիստ պատկերը իր դէմէն։ Լուսարարները ունին այդ զգայութիւնները։

 

-- Գիտես։

 

Չըսաւ աւելի։ Բայց ըսաւ պարզ ու հաստատ, մեղքին այն անփութութեամբը, որ հանդիսատեսը կը յուզէ, հոգեկան անկումի իր տեսարանովը։

 

-- Ճի՞շդ է ուրեմն։

 

Ամօթխած։ Աղջիկ։ Մաքրութիւն ու սէր։ Ու վախ։ Պատանիներուն շնորհն է համադրական ըլլալ գիտնալ։

 

Սողոմը աչքերը առաւ վար անոր դէմքէն։

 

-- Քանի՞ տարեկան ես։

 

-- Քսան չեմ մտած։

 

-- Ինչո՞ւ սպաննեցիր։

 

Սողոմը լռեց։

 

-- Քոմիթէ՞ն հրաման ըրաւ։

 

-- Ըսի, թէ այդ մարդերը քոմիթէ չէին։

 

-- Ուրկէ՞ գիտես։

 

-- Անոնք դանակ մ ը շէնք­շնորհք բռնել չէին գիտեր։

 

-- Դուն գիտե՞ս։

 

-- Գիտե՛մ։

 

Անիկա, հաստատ, գրեթէ հպարտ, նայեր էր աղջկան։

 

-- Ուրեմն դուն քու հաշւո՞յդ սպաննեցիր։

 

Սողոմը լռեց։

 

-- Այրեցիր։

 

Սողոմը լռեց։

 

-- Ինչպէ՞ս վրայ գնաց ձեռքդ…

 

Եղնիկը լռեց։

 

-- Չմեղքցա՜ր։

 

Հարցո՞ւմ՝ թէ բացագանչութիւն։

 

Բայց ձայնին մէջ իր թանձրութեան էր հասեր քիչ առաջուան վեհերոտ բանը, աղջիկը կինէն զատող այն ամօթխածութիւնը, որ հոգեկան ու մարմնական կուսութիւնները կը շղարշէ միակ երեսով։ Որ գութի, յոյզի, անշրջագիծ տարփանքի փշրանքներով ինքզինքը կը յայտնէ, յայտնել կը ձգտի, մնալով կիսասքող, տառապագին, երբեմն խեղճ, միշտ յանկուցիչ։ «Ծառ գիտութեան, բարւոյ եւ չարի»։ Մենք կը կարդայինք ատիկա Խորէն Նար­Պէյի Քրիստոնէական ին մէջ, մերկ Ադամ ու Եւան լալու չափ մեղքնալով. հաւանաբար 10-12 տարեկան լաճեր այն ատեն ու կը հարցնէինք իրարու. «Ո՞ւր է հիմա այդ ծառը»։ Ու մեզի պէս միւսները, թուրք թէ անգլիացի, մանչ կամ աղջիկ։ Որոնք, գիտնալու ծարաւին ու վախին մէջ պիտի ընեն հարցումը, աւելի մեծ շուքով, տասնհինգէն անցնելէ ետքը։ Դէպի խոր, խռովայոյզ ապրումին ծովը, որ մարդոց կեանքն է տասնհինգէն մինչեւ գերեզման։ Պատանիներուն առաջին քայլերը ենթակայ են սա երկուութեան։ Աւելի ՛ ն. ես կը յիշեմ հարսնիքներ, որոնց մէջ մատղշուկ հարսներ, այդ յուզումներու խթանին ներքեւ հաւանաբար, պսակին քողէն կը փախչէին դէպի իրենց մայրերը, լալագին իյնալու անոնց ծունկերուն, ու «մեղքնալու». իրենց աղաչանքը սրտառուչ էր։ Ինչի՜ դէմ։

 

Սողոմենց տղան չէր մեղքցած։

 

Ու սա հաւաստումը, մատաղ ու օտար աղջկան բերանէն յանկարծակի զինքը նետեց ոճիրին զգայութիւններուն, որոնց ճակատագրին մէկ [55] սեւ երեսն ալ ամրութիւնն է, չմոռցուիլը ու բռնանալը տարիներ ամբողջ։ Որոնց չարչարանքը խորանարդ կը զարգանայ, երբ բանտի մղձուկ կամար մը կաթիլ­կաթիլ սեւորակ թոյնի մը պէս ներարկէ մեր ջիղերուն Աստուծոյ լոյսը։ Խղճի խայթին հինցած տագնապը չէ ասիկա։ Այլ՝ կեանքին ամէնէն խուլ, աննահանջ բնազդը, բուսային ու երկաթ, երիտասարդ մարմիններու բջիջները յուզող, զանոնք դէպի ստեղծում, սերնդագործում լարող խորախորհուրդ մագնիսը։

 

Անոնք հաւասարապէս հպանցուած էին այս ամէնէն։ Ու վախի անհաւասար աստիճանով մը իրարու արեւելուած։

 

-- Խօսելու ես սակայն։

 

-- Ի՞նչ խօսիմ, հանըմ։

 

Ի՜նչ խօսէր Սողոմենց տղան, քանի որ «մինչեւ պուկը» լեցուած էր ըսելիքներուն տոպրակներովը ։ Պարզ հոգիներուն «ներս դնելն» է այս լռութիւնը, այդ տարիքներուն յաճախադէպ, ընդհանրապէս հարսներուն վրայով, որոնք իրենց կեսուրներուն, տալերուն, ներերուն ամէնօրեայ հալածանքը կը տանին անսպառ հլութեամբ, կը ծածկեն դուրսին վրայ դժոխքը իրենց ներսին ու օրին մէկը կ’իյնան­կը մեռնին, առանց աղմուկի։ Անոնց ողբերգութիւնը չի հասնիր հասարակաց վայելումին։

 

Ի՛նչ խօսէր։ Ու կուլ տուաւ թուքը։ Մեր ըսելիքները երբեմն այդ մեքենական միջոցով վար կը հրենք։

 

Բայց միշտ չենք յաղթեր…

 

-- Իրենք կը մեղքնա՞ն։

 

-- Որո՞նք։

 

-- Կիները։

 

Նորէն կուլ տուաւ թուքը։

 

-- Գանգա՞տ ունիս։

 

-- Գանգա՞տ։

 

Ու լուրջ, հասուն, մտածուած, հաստատուն՝

 

-- Կին էր անիկա։

 

-- Ո՞վ։

 

-- Ու մեռնելու էր։

 

-- Կիները մեռնելո՞ւ են։

 

-- Կա՛մ մենք, կա՛մ անոնք։

 

-- Չհասկցայ։

 

-- Վնաս չունի, հանըմ, կու գայ ատենը, դուն ալ կը հասկնաս։

 

-- Ի՛նչը։

 

-- Մեռնիլն ու մեռցնելը։

 

Անիկա ձեռքը փորձեց ճակտին տանիլ, բան մը վանողի յատկանիշ շարժումով։ Չէր նայեր աղջիկին ու կը նեղուէր սեւամորթէն։ Մահը, արիւնը, սեռը, դիակները, երիտասարդութիւնը ու պապա՛կը կիներու միսին, որուն կրակին մէջէն պիտի հալածենք մենք կեանքը, երբ հասունցած ենք։ Սողոմենց տղան մինակ չէ, որ գիտէր այս ամէնը։ Ու անոր ճակատին կեդրոնէն այս ամէնուն մուրճը կը ծեծէր ու կը ծեծէր։ Ի՞նչ կը փախցնէր։

 

-- Չե՜ս մեռցուցած սակայն։

 

-- Այո՛, այո՛, այո՛։

 

Յայտնի էր, թէ այս զղջումը անոր սա օրերուն գերագոյն ցաւը, զբաղումն էր եղած։ Ինչպէ՜ս յիմար էր եղեր, ուրանալու համար բանտին անսխալ իմաստութիւնը։ Մոռցաւ, թէ փաշայի մը աղջկան առջեւ էր ու գրեթէ լաց, բայց խոր հաւաստում.

 

-- Ի՞նչ ըսեմ ես աս իմ գլուխին։

 

-- Ինչո՞ւ չսպաննեցիր։

 

Սողոմենց տղան, յանդուգն սեւեռումով մը.

 

-- Մարդոց որդիները հում կաթ են ծծեր։

 

-- Չհասկցայ։

 

-- Վնաս չունի, հանըմ։ Ամէնքս ալ հում կաթ ենք ծծեր։ Կու գայ ատենը ու կը հասկնաք։

 

Յետոյ լռեց։ Աւելի ուշ՝

 

-- Իմ մէկ հատիկ սխալը, սխալը եղաւ ատիկա։

 

Անիկա մոռցեր էր բանտը։ Ու ամէն անգամ, որ դաժան այս մտածումը մտածէր՝ անիկա «քթի սիւնին» մրմռալը ու ակռաներուն ազդուիլը [56] կը զգար իր կիրքին մէջ։ Ու եղերականը հոն էր, որ փոթորիկէն յետոյ, անխուսափելի կրկնումով պիտի իյնար անիկա այն զգայութիւններուն ծոցը, որոնք դանակը նետեր էին իր ձեռքէն, տախտակամածին, երբ բացուող դուռին ընդմէջէն գրկեր էր Նալպանտենց հարսը, թեթեւ մը հրուելով անոր փորէն դէպի ետ։ Աղուորը, առանց գիտնալու, իր ձեռքերը դրած էր երկուքին գրկախառնումին մէջտեղը…

 

Հիմա՞։

 

Այսինքն՝ մահէն անմիջապէս առաջ, որուն յանձնուած էր արդէն դեռ սա աղջիկը չբուսած։

 

Անիկա յանդուգն էր անսպասելի չափով։ Ու չէր գիտեր, թէ նոյն զգացումը կը միջամտէր հոս ալ։ Ի՜նք կը մեռնէր։ Բայց իրմէն կ’ազատէր կեանքին կայծը, ա՛ն՝ որ արժէք ունի։ Մահը ընդունելու ամէնէն պարզ եղանա՞կը, - իր զաւկին ձեռքին կամ յոյսին մէջ տալն էր իր հոգին։

 

-- Չէի կրնար [57] սպաննել…

 

-- Ինչո՞ւ։

 

Ըրաւ հարցումը, բայց ամչցաւ։ Անիկա մտքով տեսաւ, որ անոր հետ մէկ կը մտածէին։

 

-- Կը սիրէի՞ր։

 

Վէպերու սպաննած բառն է ասիկա։ Եղնիկը կը սխալէր՝ զայն մօտիկցնելով գեղացի սա ականջներուն։

 

-- Տունը մտնելէ առաջ, դանակը սրցուցած ատենս, ամէնէն առաջ ան…

 

-- Գիտեմ։

 

-- Ուրկէ՞ գիտես։

 

-- Գիտեմ։ Մտնելէ վե՞րջը։

 

Սողոմը լռեց։

 

-- Վասնզի կը սիրէիր։

 

Լուրջ էր անիկա ու տաք։

 

-- Սիրեկանին դանակ չեն քաշեր։

 

-- Ո՞վ ըսաւ։

 

-- Կ’ըսեն բոլորը, գիրքերը, մարդերը, սիրահարները։

 

-- Չեմ գիտեր։

 

-- Տղաքը մէկ բան գիտեն ամէնէն լաւը։

 

-- Ո՞րը։

 

-- Սիրեկանին դանակ չքաշելը։

 

-- Տղաքը ատոր մտածելու ժամանակը չունին հիմա։

 

-- Սէրը դուրս է ժամանակէն։

 

Եղնիկը ծանրացած, հասուն, թրթռուն կը թուէր ձայնէն ու նայուածքէն։ Անիկա ա՛լ մոռցեր էր բանտը, դիակները ու ինքզինքը վէպի մը էջին մէջ կը զգար։

 

-- Ի՞նչ կ’ուզէիր մարդէն։

 

-- Մարդը էրիկն էր։

 

-- Այն ատե՞ն։

 

-- Այն ատե՞ն։

 

-- Կը սիրէիր։

 

Սողոմը լռեց։

 

-- Ինչո՞ւ սպաննեցիր մայրը։

 

Սողոմը կարծես կը սպասէր հարցումին։ Բուռն, զայրալից ու արագ՝

 

-- Քիչ էր անոր բաժինը։

 

-- Մահէն աւելի՞ն։

 

-- Կա՜յ։

 

Քիչիկ մը մտածելէն յետոյ՝

 

-- Անցնէր հիմա ձեռքս, ես գիտէի, թէ ինչպէ՛ս կամաց­կամաց, միսերը կսմիթ­կսմիթ փետտելով մորթելու էի անիկա։

 

Ու անոր դէմքին վրայ աղջիկը առաջին անգամ հաստատեց մարդասպանը։ Ու անլուծելի առեղծուած՝ այդ հաստատումը տակնուվրայ ըրաւ անոր զգացական ամբողջ սարուածը։ Փուշ­փուշ եղան անոր միսերը։ Բայց զզուանքի, սարսափի փոխարէն՝ անիկա ունէր անտարազելի հակում մը, բուռն ու չհասկցուած, մօտէն ծռելու սա սպաննողին դէպի հոգին։ Կրակին հետ խաղցող մանո՞ւկ։ Օձին հմա՞յքը, ինչպէս հեքիաթը կ’աշխատի բացատրել սա կարգէ քայքայումներ։ Գրեթէ կը դողար, երբ հարցուց.

 

-- Ի՞նչ կ’ուզէիր պառաւէն։

 

-- Կիները չեն պառաւնար։

 

-- Իրա՞ւ։

 

-- Իմ տեսածս ու գիտցածս է ասիկա։ Այդ պառաւն էր պատճառը այս արիւնին։

 

-- Ինչպէ՞ս։

 

-- Այդպէս։

 

Կը թուէր շատ յոգնած։ Հեռացած ու քաղցր։ Այդ թոնով, առանց պահանջքի, անիկա շարունակեց.

 

-- Բաներ կան, որ չեն ըսուիր։

 

-- Չե՞ս ըսած հարցաքննութեանց ատեն։

 

-- Չեն ըսուիր։

 

-- Բայց քու շահուդ համար ըսուելու են ատոնք։

 

-- Իմ շա՜հս։

 

Կիսաժպիտ գրեթէ, որով անոր դէմքը կ’իյնար սրտառուչ տրտմութեան մը մէջ։

 

-- Առտուն, վաղը առտու, առնելիք չեմ ունենար ես աս աշխարհէն։

 

Յուսահատութիւնը չէ ասիկա, ոչ ալ հերոսական համակերպումը մահուան։ Մարդիկ կը մեռնին յոգնելէ։ Ու Սողոմենց տղուն ջիղերը անկարող էին կրելու մահուան տարրերը, այնքան անիկա «աղացեր էր այդ սեւ ցորենէն»։

 

-- Տալի՞ք։

 

-- Ատոնց չափ։

 

Ըրաւ մատնանիշ դիակները։

 

-- Առա՞նց վախի։

 

-- Վախը՝ ապրողներուն։

 

-- Մեռնողնե՞րը։

 

-- Չունեցան երկուքն ալ։

 

-- Ինծի ըսին ուրիշ կերպ։

 

-- Սուտ են ըսեր։

 

-- Չլացի՞ն։

 

-- Ինչո՞ւ լային։

 

-- Չաղաչեցի՞ն։

 

-- Որո՞ւ աղաչէին։

 

-- Բայց հակառակը կ’ըսեն։

 

-- Սուտ են ըսեր, հանըմ։ Անոնք կարօտն ունէին ատոր։

 

-- Ինչի՞ կարօտը։

 

-- Բայց հանգչելուն, մահուան կարօտը։

 

-- Իրենց ծրագիրնե՞րը։

 

-- Անգամ մը մահուան մէջ մտնելէ ետք, մարդ կը խաղաղի։ Պակասները չեն չափուիր։

 

-- Դո՞ւն։

 

-- Ե՞ս։

 

-- Պիտի չլա՞ս։

 

-- Տղայ չեմ։

 

-- Չունի՞ս բան մը քեզ աշխարհին կապող։

 

-- Աշխարհը դուրս է իմ կրունկէս։ Իմ տարիքիս մարդը թեթեւ կ’ըլլայ։

 

-- Ծանր ըլլալու համար ուրեմն դրեր են շղթայ։

 

-- Ո՜վ գիտէ։

 

-- Կը մոռնաս սակայն։

 

-- Ի՞նչ բան։

 

-- Թէ ինչո՛ւ հոս եմ ես այս ժամուն։

 

-- Գիտեմ։

 

-- Գիտե՞ս։

 

Ժպտեցաւ անիկա ու աւելցուց՝

 

-- Կը կարծես գիտնալ։

 

Խօսակցութիւնը կեցաւ ինքնիրեն։

 

Յոգնած, ծունկերուն վրայ այսքան նստելէն՝ Եղնիկը ելաւ ոտքի։ Անոր հասակը կը թուէր աւելի երկայն, քան եկած պահուն։ Հոտերու նո՛յն ծուէնները, աւելի հոծ ու խռովիչ։ Տղան ստիպուեցաւ փակել աչքերը։ Կը վախնար, որ հոգին կը տեսնէին։

 

Պզտիկ պայուսակէ մը Եղնիկը հանեց շաքար, վրան՝ պուտ­պուտ, սառոյցի փշրանքներու նման։ Անիկա կը սպասէր աչքերուն բացուելուն։ Տղան կը շարունակէր շնչել։

 

Վարանոտ՝ ծռեցաւ քիչիկ մը ու դրաւ շաքարը կիսաբաց անոր շրթներուն, որոնք փակուեցան։

 

-- Մի վախնար, թոյն չէ ասիկա։

 

-- Անոր ալ համը ունիմ։

 

-- Ինչի՞ն։

 

-- Թոյնի՛ն։

 

Թօթուեց գլուխը։ Աչքերը պայծառ, լայն։ Բանաստեղծ մը պիտի ըսէր՝ անհուն։ Ձեռքի նոյն յատկանիշ շարժումը՝ դէպի ճակատը։ Աւելցուց.

 

-- Ո՜ւր է ըլլար։

 

-- Ըսել է այդքան ծարաւ ունիս։

 

-- Ըսի անգամ մը։

 

-- Կեր ու մի մտածեր։

 

-- Չի բացուիր բերանս։

 

-- Պիտի ուտես։

 

Ու դրաւ թուղթ­պայուսակիկը գետին` ծռելով, ա՛յնքան՝ որ իր դէմքէն դող մը անցաւ դէպի տղան։ Մազե՞րը դպան անոր երեսին։ Շարժումին հետեւող հոտին ու սեռին շամանդա՜ղը, որ այնքան խոր կը դղրդէ մեր զգայարանքները։

 

Տղան առնուած էր քաղցր ու քիչ­քիչ ծաւալող թուլութեան մը մէջ։ Չէ՞ր տեսներ սեւամորթը, որ խօսելու մարմաջէն, կարգի չարժանանալուն, շարունակ դիրք ու ոտք կը փոխէր, ուշադրութիւն հրաւիրող շարժումներով։ Հազաց։ Ինքզինքը յայտարարող այդ ազդանշանէն յետոյ, օգտուելով լռութենէն, անիկա միջամտեց.

 

-- Դուն աղէկ մտիկ ըրէ հանըմ էֆէնտին։

 

-- Ինծի մտիկ ընելու ատենը եկած է։

 

Յետոյ, դէմքի լրիւ փոփոխումով մը, որ հոգեկան հորիզոնի շրջում ալ կրնար որակուիլ, քոմանտան փաշային թափանցիկ աղջիկը հարցուց.

 

-- Երգեցի՞ր այդ կնիկին։

 

-- Ո՞ր կնիկին։

 

-- Անոր, որ չկրցար սպաննել։

 

Սողոմը լայն բացաւ իր թարթիչները։ Ներս առնել ուզա՞ծը։ Ատիկա գիտեն պատանիները միայն։ Երգելու հրաւէրը այդ տղուն ամբողջ զգացական աշխարհը կը կազմէր։ Զուարթ կամ եղերական, մեծաւոր թէ տօնական առիթները անիկա կ’ընդունէր կոչը դէպի իր ձայնը, ու կ’երգէր՝ գոհացում տալու համար մարդոց ցաւերուն եւ ուրախութեան, բայց ամէն մէկ պահէ առնելով անկորուստ մասը յուզումին, որ մարդոց որդիներունն է, սա փորձանուտ աշխարհի հազար հարուածներու ելեւէջին մէջ…

 

-- Ինչո՞ւ չես պատասխաներ, քեզի կը հարցնեմ. երգեցի՞ր այդ կնիկին։

 

-- Կարելի է, հանըմ։

 

-- Կարելի՞…

 

Տաքցաւ անիկա։ Թեթեւ մը վերցեր էր շեշտը [58] ։ Ու գրեթէ մեղրագոյն փէշին մետաքսը քսքսելով անոր երեսին.

 

-- Կարելի՞։ Բայց ես քեզի կը հարցնեմ շատ որոշ։ Երգեցի՞ր։

 

Լռեց։ Ու կը դողային անոր շրթները։ Վա՞խ։ Բարկութի՞ւն։ Երա՞զ։ Անիկա հազիւ կեցուց ձեռքը, որ ճամբայ ինկած էր դէպի գլուխը Սողոմին։ Մեր մարմինին վրայ շատ մը շարժումներ իրար կը հերքեն։

 

-- Ե՞րբ։

 

Պէտք էր հասկնալ, թէ հարցումով անիկա կ’ուզէր ժամանակը երգին, որ ըսուած ըլլալու էր այդ «չսպաննուած» կնիկին։ Գիշե՞ր։ Ցերե՞կ։ Վերջալո՞յս։ Ամա՞ռ։ Աշո՞ւն։ Գարո՞ւն։ Եղնիկը կանխահաս զգայնութեամբ ջիղեր ունէր ու կը սիրէր բանաստեղծութիւնը։

 

Լռեց։ Բարակ իր մատները սեղմեցին իր շրթները, ամուր, ցաւցնող, վասնզի մատներուն քակուելէն յետոյ Սողոմը զանոնք տեսաւ գրեթէ ճերմակ։ Ի՞նչ կը ծծեն աղջիկները, իրենց շրթները այդպէս չարչարած պահերուն։

 

-- Ի՞նչ։

 

Պէտք էր հասկնալ նիւթը երգին։ Ամէն ամսու քաղաքին վրայ կը բուսնէին օդագնաց այդ քերթուածները, գործ՝ աս ու ան աշուղին, թելադրուած եղերական դրուագէ մը, ուր դաշոյնը, թոյնը, չուանը, ծովը, ջրհորը ողնասիւն կը կազմէին անտիական մեռելի մը, զոհ՝ յաւիտենական, հզօր զգացումին։

 

Լռեց։ Երկու ձեռքերովը   --ինչո՞ւ զատ­զատ կը տեսնենք բաներ երբեմն, որոնք սովորական պահերու մէկ [59] կը ներկայանան մեր բիբերուն--   մազերը ըրաւ ետ, ճակտին քովերէն, զովութիւն փնտռելու ձեւով մը։ Մազերու շուքէն ազատուած, անոր երեսները գտեր էին լիութիւն մը, կաղապար մը, որոնք մեր աշխարհէն չեն։ Սողոմը «խտղտաց» [60] մինչեւ ողնայարը։

 

-- Ո՞ւր ճանչցար անիկա։

 

Մաքուր անոր դիմագիծերուն՝ թեթեւ շուք մը, տհաճ, գրեթէ նախանձոտ, աւրելու աստիճան այդ երեսներուն նկարային վայելչութիւնը։ Ամէն կին նախանձոտ է, այրէն տարբեր երանգով։ Այս վերջինին մօտ նախանձը նիւթական տառապանք է, բայց վախկոտ։ Ամօթը, վարկաբեկումը, հասարակաց կարծիքէն վախը այդ տառապանքը կ’ընեն ներքին։ Կինը հաճոյքն ունի զայն, նախանձը հրապարակելու։ Չտեսնուած կնիկէ մը կը նախանձին չապրած աղջիկները։

 

-- Աղուո՞ր էր։

 

Գեղեցկութիւնը թուրք զգայնութեան հիմնատարրն է՝ սեռին դաշտերուն վրայ։ Զայն կը հոլովեն աղջկան օրրանէն մինչեւ խորտակումը քառսունին։ Ամէն աղջիկ անոր հեղանուտէն կ’արձակէ ինքզինքը։ Ու ոճիրները անկէ զսպանակուած երգի կը վերածուին։ Եղնիկին հարցումը բնազդական էր ու ցեղային։ Հարցուց։ Բայց չէր անդրադառնար, որ մինակ կը խօսէր։ Թէ իր մարմինը հետքերը կը յայտնաբերէր այդ մտածումներուն, վասնզի իւրաքանչիւր հարցական զայն կ’ընէր ամփոփ կամ տարածուն, գարուն կամ ամայի [61] տաղաւար մը, Ջերմուկներու բուրաստանին մէջ այնքան առատ։ Ու կ’ըլլար անիկա շքեղ պատասխանը իր հարցումին, երբ հաւաքած իր մարմինին բոլոր կապերը, տղուն գլխուն կը կանգնէր աւելի գեղեցիկ, քան եօթը արձան։

 

-- Տարի՞քը։

 

Ո՜վ մեր միամտութիւնը։ Ինչպէ՛ս ալ կը սահինք ընդարձակ ճշմարտութեան վրայէն, որով ուրիշին տարիքը հարցնելու մեր փոքրիկ հետաքրքրութիւնը կը քողաւորենք ու կը ջանանք մերը պատմել. մերը՝ երբ ատիկա գրուած է մեր անձին ամէն մասունքին վրայ։ Դիտեցէք ան միւսները, տարիքէն կոխուածները [62], որոնք պիտի չհարցնեն։

 

Հարցականին զուգահեռ՝ անոր հասակը բարձրացեր ու իջեր էր, անգիտակից պարզութեամբ։ Տիրակա՞ն։ Տարիքը գերագոյն իրականութիւնն է այդ կալուածին վրայ։ Մինչեւ քսան, աղջիկները հզօր են, յաւիտենութեան զգացումով մը, որ այդ թարմութեան, առաձգականութեան, փայլին անդրադարձն է իրենց մտածման մեքենականութեան վրայ։ Անոնք տարիքն են, այսինքն՝ առանց թիւի ամբողջութիւնը, սեռին ոսկեդարը, կեանքը՝ լրիւ, առանց հեղուկի։ Մեր ժողովուրդը երգի մը մէջ ըսեր է այս ճշմարտութիւնը աղջիկներու այդ անշամանդաղ կուսութիւնը պատկերելով միամտութեամբը առտուան շաղին, ու անցնող վարդին։

 

-- Նայուա՞ծքը։

 

Հարցուց ու նայեցաւ։

 

Ու անկարելի էր չողողուիլ անոր աչքերուն մեղրէն, այնքան անիկա անուշ էր ըրած այդ սեւեռումը դէպի տղուն հոգին ամէնէն մատչելի ճամբով։ Անիկա նման էր շղարշի վրայ բուսնող ծաղիկին, որ կ’երեւայ, սիրտ կ’առնէ ու կը սուզուի բեհեզ լարերուն մէջ աղջիկներու ժպիտին։ Անիկա նայեր էր տղուն, բռնի, տիրական ճնշումով մը ուզելով անոր աչքերը, հանուած իրեն դէմ։

 

-- Գո՞յնը։

 

Անշո՜ւշտ։ Ո՞ր աղջիկը չանցաւ հայլիին առաջ ու ինքզինքը չսիրեց, արծաթ այդ սաւանին վրայ զմայլելով իր մորթին թաւիշին։ Ո՞ր աղջիկը, քիչիկ մը տժգոյն, դողոտ մատները կկոցի նման չանցուց ու չանցուց այտերուն վրայ ` ստեղծելու համար արիւնին շա՜րը, որ քող անգամ չէ։

 

Անիկա, առանց հայլիի, տղուն հիացիկ աչքերուն առջեւ ըրեր էր անգիտակից այդ աշխատանքը, հեռու եւ պարզ։ Որ արդէն երանգուն այդ միսերուն վրայ կարմիրի արահետներ հաւաքեց։

 

-- Ձա՞յնը։

 

Լռեց անիկա։

 

Բոլոր այս հարցումները, խոր անգիտակցութեամբ։ Տարերային ու յիմար, ինչպէս պիտի ըլլան աղջիկները, տասնհինգէն վերջը, բախտորոշ րոպէներուն։

 

-- Օ՜ֆ։

 

Որմէ՞ ի՛նչ կ’ուզէր սա պարմանուհին։

 

Կլորակ արձագանգ մը հազիւ զգալի ըրաւ ինքզինքը։

 

Անիկա չէր իսկ անդրադարձած իր մինակութեան։

 

Բոլոր այս հարցումները, զիրենք լուսաւորող դիմային ու մարմնային անստուերելի ուրուաձեւերով, համրիչի մը դանդաղ հատիկներուն նման, իրարու ետեւէ, զիրար հրող կամ հալածող ու կործող, ըսի՞ն բաւական մը բան անոր ներսէն, որպէսզի ինքզինքը զգար քիչցած, թեթեւցած, ծակուա՜ծ, ու վախնար։

 

Կեցաւ անիկա, մանուկ ու բարի` վախնալով Սողոմէն ու իրմէ։ Գերզգայութիւնը գինովութիւնն է զգայարանքներու, ալքոլի փոխան ներքին ծորումներու հպատակ եւ նման ասոր կը թափի մեզմէ։ Ամէն սթափում պարտութիւն մըն է, հիւսուած զիղջի, ամօթի, վախի փոփոխական տարրերէ։

 

Սողոմենց տղա՞ն։

 

Բաներ կան, որոնք հարցուելու չեն։ Ու չեն կարգ մը պայմաններու վրայ։ Անիկա, դուրս ինք իրմէ, բանտէն ու մահէն, բանաստեղծ մը պիտի ըսէր թերեւս՝ կեանքէն անգամ: [63] Կը հետեւէր հարցումին, յաջորդ լռութեան ու աղջիկին մարմինին վրայ յստակ կարդացուող այդ մեղեդիին, որ սեռն է, գեղեցկութիւնն է, յուզումն է ու արիւնի համը։ Երգողները, այսինքն՝ ուրիշներու զգայութիւնը իրենց կոկորդէն այդպէս կաղապարող հոգիները միայն կը խորանան [64] դէպի թափանցումը մարմինին իմաստներուն, իրենք, այնքան անգամներ, իրենց յուզումները անցուցած ըլլալով իրենց մէկ կտորին, ձայնի՜ն։

 

Եղնի՞կը։

 

Դէմքի նոր փոփոխութեամբ մը, որ հոգեկան հորիզոնի նոր շրջում մը կը յայտարարէր տեսնել կրցողին՝ [65]

 

-- Դուն նշանա՞ծ ունիս։

 

-- Ունէի։

 

-- Ունի՞ս։

 

-- Չեմ գիտեր։

 

Բռնուելէն ասդին՝ անիկա անտեղեակ էր մնացած գեղին դէպքերուն։ Գիտէր միայն Դելոնին տղոց դեռ ազատ ըլլալը, ժանտարմայի մը շատախօսութեամբը, որ լերան վրայ բախումի մը արձագանգը կը պատմէր իր մէկ ընկերոջը։ Նշանա՞ծը։ Կը դարմանուէր նաւահանգիստ ու յոյս կար զայն ազատելու։ Եղնիկը ունէր այս մանրամասնութիւնները հօրը թուղթերէն։ Խո՛ր՝ իր հետաքրքրութիւնը աղջիկէն, որուն վիճակուած պիտի ըլլար սիրտը սա մարդասպանին՝ եթէ երկրորդ մը չիյնար անոնց խաչաձեւման անկիւնին։ Տուեր էր, նման ամէն երազամոլ աղջիկի, պատկեր մը անոր անունին, վերցնելով անոր տարրերը գեղացի բանուորուհիներէն, որոնք քաղաքին մետաքսի մանարաններուն մէջ աշխատանք կը կատարէին օրական տասնվեց ժամ ` խաշելով շոգիէն, բայց չթոռմելով ու ամէն Կիրակի, տպածոյէ պոռոտ իրենց փէշերուն մէջ կը պտտցնէին իրենց այլանդակ[ուած] [66] մարմինները, արբունքէն հազիւ քակուած, ու զրկանքէն շղթայուած, ապրելու տեղ մաշելով, տգեղ՝ իբր ամբողջութիւն, որովհետեւ աճումէ կասած, բայց տարօրէն գրաւիչ մորթէ ու աչքէ։ Հարցումին հետ անցեր էր անոր աչքերէն թափօր մը այդպէս աղջիկ, իրարու նման ու ազազուն։

 

-- Անոր ալ երգեցի՞ր։

 

-- Ո՛չ։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Մեր կողմերը մանչ ու աղջիկ, նշանուելէ ետքը ա՛լ չեն տեսներ իրար։

 

-- Մեզի պէս…

 

-- Դուն նշանած ունի՞ս։

 

-- Շո՛ւն։

 

Պահակն էր, գաւազանը ամուր վերցուցած։

 

-- Հանդա՛րտ, - [67] հրամայեց աղջիկը։

 

Սեւամորթը կծկուեցաւ՝ ինչպէս յանդիմանուող շուն մը։

 

Աղջիկը դառնալով տղուն.

 

-- Ինչո՞ւ հարցուցիր։

 

-- Այդպէս։

 

Մտիկ կ’ընէր, խաղաղ, մինչ իր մատները կ’ոլորէին խոպոպիկ մը, որ կը ծփար քունքին վրայ, ձիւնի պէս ինկած ցօղունի մը նման, խարտեաշ ալ, սեւ ալ։

 

-- Ինչո՞ւ մտիկ չըրիր։

 

-- Որո՞ւ։

 

-- Նշանածիդ։

 

-- Ե՞րբ։

 

-- Մորթել երթալէ առաջ։

 

-- Ո՞ւր տեսնէի։

 

-- Ո՞ւր։ Ըսել է միշտ հետդ չէր անիկա։

 

-- Մեր կողմերը մինչեւ եկեղեցիին պսակը մանչ ու աղջիկ չեն խօսիր իրարու։

 

-- Կարելի է։ Ուրիշներուն դէմ՝ այո։ Բերնով՝ այո։ Բայց հոգիո՞վ։

 

-- Հոգիո՞վ։

 

-- Դուն ինչո՞ւ կը կրկնես իմ հարցումս։

 

--   Դո՛ւն ալ հետը չես։

 

-- Որո՞ւ։

 

-- Նշանածիդ։

 

-- Ես պզտիկ եմ տակաւին։

 

-- Պզտի՜կ։ Քեզի պէս աղջիկ մը զաւակ կը պահէ մեր կողմերը։ Պզտի՜կ։

 

-- Հոս քաղա՛ք է։

 

-- Հոս մէկ չէ՞ սիրտը։

 

-- Ո՜վ գիտնայ։ Հոն մէ՞կ են։ Միտքդ կ’իյնա՞յ։

 

Խօսակցութիւնը կը դժուարանար։ Սողոմին միտքը դանդաղ կը հետեւէր խօսակցին փայլակնաթեւ անցումներուն։

 

-- Ո՞ւր կը զատուին աղջիկները կիներէն։

 

Սողոմը նորէն չհասկցաւ։

 

-- Կը ճանչնա՞ս աղջիկներուն հոգին։

 

-- Աղջիկները հոգի չեն։

 

-- Կինե՞րը։

 

-- Կիները ճանչնալէն ետքը մարդ չի հաւատար հոգիին։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Այդպէս։

 

-- Շատ կը ճանչնա՞ս կիները։

 

-- Շատ։ Մեր գեղինները ամբողջ։

 

-- Ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա։

 

Անիկա կարմրեր էր։

 

-- Ամէն մեռելի, ամէն հարսնիքի։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Կու լան, կ’երգեն։

 

-- Յետո՞յ ։

 

-- Ձայնը ապակիի կը նմանի ու անոր մէջ դրուածը դիւրին է տեսնել։

 

-- Քու ձա՞յնդ։

 

-- Իմն ալ անշուշտ։

 

-- Ուրիշ ատեն չե՞ն ճանչցուիր կիները։

 

-- Չեմ հասկնար։

 

-- Ըսել կ’ուզեմ՝ երբ կը քալեն, կը նային, կը ժպտին կամ կը լռեն։

 

Սողոմը լռեց։

 

-- Երբ՝ կ’երգեն ներսէն, մութին ու առանձին։

 

Սողոմը վերցուց իր նայուածքը Եղնիկէն վեր, որուն դէմքին կը պատրաստուէր ուրիշ փոփոխութիւն, հոգեկան հորիզոնի ալ փոփոխութեամբ։

 

-- Ձեր կողմերը բոլոր տղաքը կ’երգե՞ն։

 

-- Շատերը։

 

-- Անո՞ւշ։

 

-- Թթու շաքար կ’ըլլա՞յ։

 

-- Ինչո՞ւ կ’երգեն։

 

-- Երգը թեւ կու տայ տղոց։

 

-- Մինակ թե՞ւ։

 

-- Շատ բան ուրիշ։

 

-- Աղջիկներո՞ւն։

 

Սողոմը սարսռաց։ Չքակուած անոր շղթան ալ թեթեւ հեծկլտուքով մասնակից էր դողին։ Ի՞նչ հրաշքով ` անոր միտքին բացուեր էր իրենց տունը, հօրը մեռած տարին, երբ իր ընկերուհիներէն մէկը, գեղանի հարս, Զատկուան տաղաւարին առիթով մէրանցն էր դարձեր, իրեն պէս քաղցրաձայն ու երգեր դրացի տունէն, կին ու հասուն, ձայնին վրայէն իրեն հասցնելով չըսուած համբոյրը սիրեկանին։ Ի՜նչ յուզումով անոնց ձայները խառնուեր էին իրարու, նեղ փողոցին վրայ ոսկի կամար, ա՛յնքան՝ որ պատուհանէ պատուհան փախչեր էին իրարմէ` մատնուած ըլլալով երգին մերկացումէն։ Ո՛չ սէր, ո՛չ ալ ատոր մօտ արտայայտութիւն։ Բայց որքան շատ է թիւը այս անաւարտ «բիւրեղացումներուն»։

 

-- Ինչո՞ւ դողացիր։

 

-- Այդպէս։

 

-- Ի՞նչ անցաւ միտքէդ։

 

Սողոմը լռեց։

 

-- Ինծի համար ալ պիտի երգե՞ս։

 

Ու դպաւ անոր աջ ուսին։

 

Տղան չդողաց, բայց նայեցաւ խոր։

 

Պարզ ու իրաւ էր այդ աղջիկը, [68] կանգնած իր գլխուն։ Ու մէկէն այդ պատկերը գտաւ հոծութիւնը այն միւս ձեւին, որ կինն էր, անոր ջիղերուն վրայ, համ ու խռովք ու հիւսք։ Անիկա զսպեց աղեղը իր բազուկներուն, որոնք շարժումի ելած էին իրենց ծխնիներէն ` գոցուելու համար անոր իրանին։ Յետոյ ընկրկեցաւ անոր աչքերուն խորունկ մօտութենէն։ Այն ի՜նչ մեծ էին անոր բիբերը, որոնք կ’աշխատէին ազատիլ ծիածանին օղակէն ու կը բաբախէին՝ ինչպէս կլորակ բիծեր, կարգ մը թիթեռներու նախշուն թեւերուն։ Ո՜վ մեր տղայութիւնը ու ասոր ամառները ու արեւները։ Ո՞վ ձեզ կը դնէ այսպէս պահ մեր ետին, որպէսզի այդպէս յեղակարծ խուժէք մեր վրայ, չհարցնելով մեզի մեր տարիքը, ջիղերու ամրութիւնը, մեր սրտին կախաղանը ու կրակը մեր մարմինին։ Ո՞վ։ Ինչո՞ւ չէք հիննար, ու կ’արհամարհէք օրէնքները, որոնց ենթակայ եղան մեր մարմինին բոլոր բխումները։ Ու կը յամառիք վաթսունը անցուկ պառաւի մը միսերուն մէջ կրկին ծաղկիլ, ինչպէս ծաղկեցաք, երբ տասնհինգ չէր մտած ան…։ Սողոմը՝ տասնամեայ տղա՛յ, գեղի պարտէզներուն մէջ, երգ մը շրթունքին, աւազանէ աւազան, ու առուէ առու, հալածելով երկարտտուն թիթեռները, որոնց պատկերը մօտիկ է աշուղի վինին։ Որոնց թեւերը, հեղուկ ու ներկուած գոհարի նման դրուած կ’ըլլան թափանցիկ հովահարիկներու ու կը թրթռան, կը ծիածանուին, իրենց ոսկին ու զմրուխտը ջուրերուն վրայ աղբիւրի պէս շաղալէն։ Ո՜վ մեր մանկութիւնը, մահուան դիմաց քեզ որո՞ւ ղրկել։

 

-- Պիտի երգե՞ս։

 

Սողոմին տեղ ուրիշ մը, իր խորերէն, պիտի տար պատասխանը սա աղջկան, բայց ոչ սա դժոխքին մէջ, առնուազն պատերէ զերծ միջոցին վրայ, աւելի լաւ, անշուշտ գեղը Սողոմին, աս ու ան անտառասոյզ աղբիւրի գլխին, երբ ջուրը կը խռովի զոյգին պատկերէն։ Կամ՝ լիճի ափին, ծաղկած խնձորենիի մը ժանեակներուն ներքեւ, երբ մեղու մը համբոյրէ համբոյր կը թռչի։ Կամ՝ հազարամեայ ձիթենիի մը լայն, խոռոչաւոր բունին ստորոտը, ծունկ ծունկի նստած, երբ աշնան արեւը աղջկան այտերուն պուտ­պուտ ոսկի կը բանի ու տերեւուտքէն դեղին շարպաթ ի պէս կը հոսի ու կը պղպջայ կայլակ­կայլակ, հրդեհելով հազիւ տրտում կաթիլները ու շիւղերուն խատուտիկ հասակը…

 

Սա անդարձ հեռուներուն վրայ մեր նայուա՜ծքը։ Որ առանց մահուան մուխին ալ կը տամկանայ։

 

Եղնիկին [69] հրամանով լապտերը մօտեցաւ Սողոմին։ Լոյսը մատնող է։ Կու լա՞ր սա տղան։ Եւ որո՞ւ համար։

 

-- Մուսթաֆա՛, քակէ կապերը։

 

Հակառակ իր տարօրինակութեան, պահակը, առանց մեկնաբանութեան, գործադրեց հանըմին հրամանը։ Տարիներու փորձառութիւնը անոր սորվեցուցեր էր արժէքը հանըմին քմայքներուն։ Ծառաներուն պարտականութի՞ւնը, չհարցնել ու գործադրել։ Տասնհինգէն վար արարածին մօտ ներքինին ծառայ է միշտ։

 

Տղուն անութէն ու կոնքէն կտրուեցան չուանները։ Շղթան կ’ընդդիմանար։ Ու պահակը չունէր անոնց բանալին։

 

-- Ելի՛ր ոտքի։

 

Ու բռնեց թեւէն։

 

Ի՜նչ խմորէ կը շինուին թեւերը աղջիկներուն։ Պատանիները երբեմն հարցուցին ատիկա իրենք իրենց, բայց հեռու մահէն, բայց մօտիկը թզենիներուն, կամ սարփինային, կամ թթաստանին, կամ խաղողի սակառին մէջ, երբ բռնեցին անոնք թաթերը ու թօթուըւեցան իրենց բոլոր ոսկորներէն։

 

Մեղմ, գրեթէ ամչնալով իր ջախջախուած մարմինին բեռէն՝ սա բազուկներուն, անիկա կրցաւ կանգնիլ իր սրունքներուն վրայ։ Բայց դող ունէր. հազար խորշերէ ցաւին լարերը շարժումի ելան։ Անիկա կը վախնար իյնալէ, ինչպէս կը քաշուէր [70] ծանրանալէն աղջկան բազուկներուն։

 

Յետոյ անջատեցին զինքը երկաթ օղակէն։

 

Կը քալէի՞ն։

 

Անցան Մաթիկին դիակին քովէ` առանց յաւելեալ յուզումի։ Մեռելներուն ճակատագիրն է ատիկա, երբ շատ մօտիկէն չեն փրթած։ Յառաջացան դէպի փորուածքը, որ աղօթավայր ծառայած էր չարագուշակ կրօնականին։ Վեց քայլ սա գնացքը սպառեց սակայն Սողոմենց տղան, որ չիյնալու համար՝ ստիպուեցաւ իջնալ ծունկերուն, կռնակը տալով պատին։ Միւս կողմէ՝ ամէն ինչ անոր շուրջը կը թուէր անգայտ ու երազային։ Մահուան հոտը թանձր էր՝ ինչպէս մշուշի կպչուն տրտմութիւնը անձրեւէն ետքը։

 

Եղնիկը փորուածքի եզրին, մարմինը դրած կապարագոյն վերարկուին։ Որուն մատերը երբեմն­երբեմն կը հանդիպէին տղուն մազերուն, առանց վախի։

 

-- Անո՞ւնդ։

 

-- Սողոմ։

 

-- Ես գիտեմ Սուղում։

 

-- Թուրքերէն այդպէս ալ կը կարդացուի։

 

-- Դուն թուրքերէն կարդալ գիտե՞ս։

 

-- Գիտեմ։

 

-- Շա՞տ։

 

-- Քիչ։

 

-- Լաւ է ատիկա։

 

-- Գիտես ի՞նչ մեծ ազգ է մեր ազգը։

 

Միջամտողը՝ սեւամորթ պահակը։

 

Սողոմը չպատասխանեց։

 

-- Գործիդ չի գար, չես պատասխաներ, ­ շարունակեց անիկա, ­ բայց մենք տիրեր ենք աշխարհի կէսին։

 

Անտրամադիր, գրեթէ նեղուա՜ծ փիլիսոփայ պահակը։ Վասնզի, աղջկան ներկայութեան՝ անիկա չէր կրնար իր նախադասութիւնը պսակել շատ բնական վերջաբանով մը, առնուազն կլոր, հոտող ու տպաւորիչ հայհոյանքով մը, որով կ’աւարտէին, այն օրերուն, քրիստոնեան «խոզի ձագի» վերածող անուշիկ, բարքերու կարգ անցած նախատինքները թուրքերու բերնէն։ Ամբողջ կայսրութիւն մը այսպէս ապրեր է դարերով։

 

Չկամ՝ անիկա աւելցուց նոր դէպքերու մուրճին տակ ստացուած միւս իմաստութիւնն ալ.

 

-- Ձեզի չափ անխելք ժողովուրդ դեռ չէ եկած աս աշխարհին վրայ։

 

Հայերը անխե՛լք էին ազատութիւն ուզելնուն։ Աւելի՝ դժգոհ ըլլալնուն այն արքայութենէն, որ իրենց երկիրն էր այդ ազգին, ապերախտ ազգին վայելումին տրամադրուած։ Այս մտածումները դեռ չեն կորսնցուցած իրենց թշուառական կեղծիքը անոնց թերթերուն մէջ։

 

-- Չի բաւեր, որ ձեր հաստ գլուխին երեսէն կորսնցուցած էք ճեննէթ ը։

 

Ամէն միւսլիւման, թուրք ըլլալուն չափ՝ հպարտ էր իր իսլամութեամբը։ Այդ բարիքը ամէն օր անիկա պիտի վայելէ ինքը իրեն համար։ Միւս կողմէ՝ պարտքն է անոր, այդ բարիքին կանչելու, անկէ զրկուածները։

 

-- Ճեհեննէմ ին կրակէն առաջ, գոնէ ընէիք խելք, մարդավայել կեանք մը առնելու սա աշխարհէն։

 

Իր Սաղմոսովը, Նարեկ ովը, Աստուածաշունչովը, մա՛նաւանդ Յայսմաւուրք ին հզօր վկաներուն ոգեկոչմամբը ինքզինքը հոգեպէս զինած ու հակառակ արիւն թափած ըլլալուն, Քրիստոսի անունով մեռնելու միամիտ հաւատքին մէջ իր խաղաղութիւնը գրեթէ գտած մահապարտը կը խրտչէր սա իմաստուն խօսքերէն։ Անոր դէմքը եղաւ բուռն, որքան կարելի էր ատիկա։

 

-- Առնելն ու տալը կարգով։

 

-- Չհասկցանք, - կտրեց տղուն բառերը պերճախօս պահակը, քիթին սիւնակը մէկ կողմ հրելով, խեղկատակ սովորութի՜ւն մը, աղջիկները խնդացնելու ծառայող։

 

-- Դո՞ւք ինչ առած էք սա աշխարհէն։

 

-- Հո՛ն են։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Հո՜ն։

 

Ու անոր սեւ գլուխը առաւ դիակներուն ուղղութիւնը։

 

Անհանդուրժելի՝ որքան նախատալից սա իմաստութի՜ւնը։ Սողոմը Մատաթիա Գարագաշեանի հեղինակած աշխարհագրութեան դասագիրքին մէջ մարդկային ցեղի նմոյշ պատկերներէն ամէնէն շատ կը ծաղրէր «դդումութիւնը» խափշիկին։ Ու սա պահո՛ւն, պուլամայի «գաւաթ իսկ չեղող» այդ գանկէն, ահա պատգամնե՜ր։

 

-- Թուրքերուն դէմ գործող դաւաճանները ուրիշ կերպ պիտի չտան իրենց խոզի հոգիները շէյթան ին ճիրաններուն։

 

Ու տուաւ ցոյց, առաստաղէն կախ երիտասարդը, այս անգամ մատով։ Ու կը ծամէր անիկա ճերմակ ակռաները, դիւային կատաղութեամբ։ Անհնարին այս ատելութիւնը արդիւնքն էր ընդհանրացած քաղաքականութեան (անշուշտ թուրքին ու հայուն ատելութիւնը դեռ բաղդատելի չէ քաղաքացիական կռիւներով մշակուած մեր թունաւորումին, որ նոյն ժողովուրդին զաւակները իրարու դէմ կը հանէ)։

 

Եղնիկը, որուն սիրտին թեթեւ խառնըւուք էր ինկած, նշանացի արգիլեց պահակը շարունակելէ։ Չնորոգուած օդի ապականութի՞ւն, թափուած արիւնին կծու հա՞մը, երիտասարդէն իրեն անծանօթ արտածորո՞ւմ մը, ի՜նչ գիտնար։ Բան մը գոյացեր էր սենեակին մէջ, ծանր ու դպող, որ կը նեղէր, հետզհետէ աւելի ուժով, անոր կուրծքը։ Խօսակցութեան սա անհաճոյ գնացքն ալ դեր ունէր այս մղձուկ զգայութեան մէջ։ Կէս ժամ անցեր էր իր գալէն ասդին։ Ու անիկա դեռ չէր մօտեցած զինքը հոս բերող մեծ «խնդիրին»։ Մեր զգացումները այսպէս օտար անուններով կը խանձարուրենք։

 

-- Ինծի նայէ, Սողոմ։

 

Մտերիմ, տաք, վարժ հնչումով։

 

Ո՞ր ճամբով կը հաստատուին հոգիէ հոգի սա անկարելի շաղապատումները, իրերահոսումները։ Նալպանտենց հարսը, մամա՛ն անգամ սա քաղցրութեամբ չէին հանած անոր անունը իրենց բերանէն։

 

Անիկա սպասեց բառերուն, որոնք չեկան։

 

«Դժուար վիճակներ կան», - կ’ըսէ ժողովուրդը։ Աւելի դժուա՛ր այդ վիճակներուն տարազումը՝ հնչումով։ Այդ է պատճառը, որ անոնց թերի արտայայտութիւնը բնազդով վստահինք ուրիշ զգայարանքներու եւ ծորումներու։ Մարդոց մօտ արցունքին, ժպիտին եւ նայուածքին ստացած արժէքները թերեւս կը հպատակին այս վարկածին։

 

-- Այնքան կարեւոր ըսելիք ունիմ քեզի։

 

Բայց բան չէր ըսուած։

 

Տեսակ մը ամօթխած շուարում զայն կ’ընէր փոխն ի փոխ դալուկ, կարմրաւուն: [71] Բայց անծածկելի՝ զգայութիւննե՛րը, որոնք կը ցոլային թափանցիկ անոր միսերուն տակէն։ Մոմերու ցոլքին տակ Սողոմենց տղան նոր կը հանդիպէր մարդկային միսի այս թափանցիկ տեսակին։

 

-- Չե՞ս լսեր։

 

Ու կ’անգիտանար, թէ բան չունէր ըսած։

 

-- Կը լսեմ, կը նայիմ, մտիկ կ’ընեմ, հանըմ։

 

-- Հասկցա՞ծ ես վիճակիդ ծանրութիւնը։

 

-- Ըսին ատիկա, պէտք եղածէն աւելի յստակ։

 

-- Ե՞րբ։

 

-- Առա՛ջ։

 

Բայց, անոր արտաբերումին այդ «առաջ»ը չէր պատկերեր երկու ժամ կանխող սպառնալիքը, այլ՝ շատ աւելի ընդարձակ բան մը, գրեթէ տարի։ Տեւողութեան պարունակէն սա այլայլումը կը բացատրէ՞ մեր վշտին խորութիւնը մեզ դիտող անվիշտ, անհաղորդ օտարին։

 

-- Բայց քու ձեռքդ է փոխել այդ ամէնը։

 

-- Եզէն հորթ չեն պահանջեր, հանըմ։ Գիտցածս ըսի անոնց ալ, քեզի ալ։ Ասկէ անդի՞ն։

 

Յետոյ կեցաւ։ Անոր մէջ կը շարունակուէր այդ «անդին»ը։ Տրամաթիք րոպէներու, աչքը կը պատմէ հոգիին շարժումները։ Նայեցաւ աղջկան շատ աւելի ուժով, որքան չէր ըրած մինչեւ այդ րոպէն։ Վստահութիւն, վճռականութիւն, յանդգնութիւն ու երիտասարդութիւն։

 

-- Շատ ալ դիւրին է ինծի։

 

-- Ի՞նչը։

 

-- Հոգին յանձնելը։ Տեսայ։

 

Լռեց։ Բայց վախն ունէր քիչ ըսած ըլլալու։

 

-- Ի՞նչ կ’ուզեն ինձմէ։ Ինչո՞ւ կ’ուշացնեն։ Ես սպաննեցի։ Կարգը եկած է ինծի սպաննուելու։ Ասկէ անդի՞ն։

 

-- Ատկէ անդին կայ սակայն։ Աւելի ճիշդ՝ ատկէ դէպի ետ։ Դուն մեռնիլ կ’ուզես ու դիւրին կը գտնես զայն։ Բայց չես մտածեր, որ ես եկեր եմ, որպէսզի չմեռնիս։

 

Պահակը ժամացոյց նայեցաւ։ Բայց չունէր համարձակութիւն տեսածը ըսելու։ Անոր արգիլուած էր ժամ յիշեցնել պզտիկ հանըմին, մինչեւ որ հարցումը չգար անկէ։

 

-- Չմեռնի՜մ։

 

-- Այո՛։ Դուն կը հասկնա՞ս ինչ բան է ուրիշները, օտարները, նոյնիսկ թշնամիները ազատել։

 

-- Մեր գիրքերը կը պատուիրեն ատիկա մեզի։ Ձեզի՞։

 

-- Մեր գիրքերը ուրիշ բան մը պատուիրեն մեզի։ Դուն կը հասկնա՞ս, թէ ինչ ըսել է մահէն մէկը ազատել։

 

-- Անշուշտ, հանըմ, անշուշտ։

 

-- Տեսե՞ր ես այդ մարդերէն։

 

-- Անշուշտ, հանըմ։ Ո՛ւր որ մարդ կայ՝ հոն վտանգ կայ։ Փորձանքը պակաս չէ մարդոց կրունկներէն։

 

Կեցաւ։ Յետոյ՝ ճնշումին տակը իր մտածումին.

 

-- Ուրիշին տղեկը, թուրքին տղեկը հեղեղէն ազատելու համար ես ինքս անցեալ ամառ քիչ մնաց խեղդուէի։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Մեր կողմերը։ Շերամներու ատեն էր ու բեռնով տերեւ կը կրէի մեր լիճի եզերքէն։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Ճամբան կ’անցնի մեր վարի գեղէն։ Լեռը քակուելու չափ անձրեւ եկած էր ան առտուն ու գետակը յորդած։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Գեղին մօտիկը բազմութիւն։ Հեղեղը կը քշէր տուները, տակառները, հաւերը, կենդանիները։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Ջուրին վրայ օրրան մը, մէջը մանկիկ։

 

-- Ազատեցի՞ր։

 

-- Մտայ ջուրը, օրրանը առի, մօրը տուի ու քշուեցայ։ Քառորդ ժամ ջուրերու երեսէն ու տակէն ես կռուեցայ հեղեղին դէմ։ Բայց ասոնք աւելորդ խօսքեր են։ Անշո՛ւշտ որ մարդ ազատելէն անուշ բան չկայ սա մեր աշխարհին մէջ։ Բայց ես գեղացի եմ։ Ո՛ւր՝ իմ գլուխը, ո՛ւր՝ գլուխը պալատներու մեծ­մեծ մարդերուն։ Իմ գիտցածս շատ բան չէ։ Ամէն տեղ մարդիկ կ’օգնեն իրարու։ Երկու ժամ է կը հարցնեմ ես ինծի մեղքը սա ղարիպներուն։ Ու չեմ գտներ։ Քու հայրիկդ մե՞ծ մարդ է։

 

-- Մեծերուն մեծն է իմ հայրիկը։

 

-- Գիտէ՞։

 

Աղջիկը հասկցա՞ւ։

 

-- Իր ուզելո՞վը մեռան ասոնք։

 

Աղջիկը լռեց։

 

Ու տրտում էր Սողոմենց տղան։ Վասնզի մտքով մօտեցուցեր էր այդ մեծերուն մեծութիւնը չուանին հասակին։ Չկրցաւ չվերցնել սակայն մատը դէպի առաստաղը ու ըսաւ.

 

-- Մե՜ղք անոնց մեծութեան։ Մե՜ղք բոլորին ալ մեծութեանը։

 

Ու անոր աչքին խոնաւուկ բան մը դողաց։ Քաղցր ձայնով տղոց մէջ կը դիտուի այս գերզգայութիւնը։

 

-- Գիտե՞ս ինչ պզտիկ, ինչ խեղճ մեռցուցին։

 

-- Ուրիշներուն մահովը շատ կը զբաղիս։

 

-- Մահը ուրիշներունը ըլլալէ առաջ մերն է։ Ամէն մարդ հոգի մը ունի յանձնելիք։ Մեծերն ալ պիտի անցնին այդ չուանէն։

 

Եղնիկը գտա՞ւ կապը, որով իրարու կը միանային, տղուն մտքին, առաստաղէն կախ մարմինը ու մեծութիւնը իր փաշա հայրիկին։ Զգածուած, տրորուած խառնակ յուզումներէ, ուր տարիք, ցեղ, կուսութիւն ու տարփանք մուտք ունէին՝ անիկա մօտ էր լալու, ջղային այն հեկեկանքով, որ քրոջը «խոնաւութիւնները», դիւրագրգռութիւնները կը վերածէր ժամ տեւող տագնապի։ Բայց կանխուեցաւ։

 

Վասնզի ուժգին ու խոր հեծկլտուք մը, ձայն՝ որքան արցունք, ողողեց չարագուշակ մահաբեմը։ Կոկորդին քաղցրութիւնը անցեր էր սա լացին, որպէսզի ըլլար անիկա տարօրէն սրտառուչ։ Օտարականները բռնեցին իրենց սիրտը սա անակնկալ յորդումին դիմաց, որ ճիչի, կսկիծի սլաքներով ճամբայ կը բանար անոնց միսերուն զրահը բզկտելէն։ Ամէն թուրք, մորթի ու դնդերի պէս հագած կը ծնի անգթութիւնը ու կ’ապրի անով։

 

Սողոմը կու լար, վերջապէս լքուած իր ջիղերէն, որոնք սպառեր էին բոլորովին։

 

Երբեմն, մահուան ոլորտին, շունչին մէջ իսկ, մեզի կը տրուի մնալ չոր, մնալ կարծր։ Կը պահենք մեր ներքին լքումը ո՛չ թէ ամչնալու, վախով կամ յոյսով, այլ՝ մարդկեղէն որեւէ զգայութենէ մոռցուած ըլլալնուս։ Անցեր եմ այդ մահուան գօտիէն։ Պոլսոյ մէջ, վտանգին հետ արմուկ արմուկի, քալելով գաղտնի ոստիկաններուն մէջէն ու պահեր եմ ինքզինքս, ո՛չ պաղարիւնովս, կամ դիմակովս, այլ՝ այդ ամէնէն լիովին պարպուած ըլլալուս։ Փոթորիկի ատեն, հոգին մէկ-կտոր [72] է։ Անիկա կրնայ մահուան հարուածը առնել, ինչպէս պալար մը ու դիմանալ, մինչեւ անոր հասուննալը, բացուիլը։ Այն ատեն շարաւը պիտի տարածուի նոյնքան ուժգին հակահարուածով ու պիտի թունաւորէ մեզ։

 

Անիկա ամչցա՜ւ։ Ջանաց զսպել իր ձայնը։ Բայց ողողուեցաւ լացի անդրանիկ տագնապէն, որ բռներ էր զայն նորէն։ Ե՞րբ էր կատարուեր այդ լացը։ Հեռո՜ւ։ Տարիէն աւելի հեռու, հակառակ անոր, որ ժամ մը ու ասոր կէսը հազիւ կը զատէին զինքը այդ կործանումէն։ Լացեր էր կատաղութեամբ, սպասելու ստիպուած ըլլալուն, նախանձելով միւս երկուքին, ալ ազա՛տ՝ հայէն ու թուրքէն։

 

-- Մի լա՛ր։

 

Ու դրաւ անիկա իր կրակէ ափը տղուն ճակատին։

 

Խուլ ու մռայլ լռութի՛ւն, յանկարծական՝ որքան բզիկ­բզիկ, ճեղք­ճեղք։ Երիտասարդութի՜ւնն էր, որ կը պարտաւորուէր բանտուիլ անոր կուրծքին։

 

-- Մի լար, մի լար, անուշս…

 

Ձայնական, զգացական ո՞ր պատրանքը միջամտեց, որպէսզի գործածուէին սա բառերը, անոր բերնին վրայ այնքան ընտանի, քրո՜ջը հասցէին։ Պահակին խուլ հազը զայն դարձուց իրականութեան։

 

-- Այսպէս կ’անուշցնեմ ես քոյրս, երբ լացի իյնայ։ Ան ալ շատ, շատ կու լայ։ Գիտե՞ս, որ անիկա երեք տարիէ ի վեր հիւանդ է։ Ու կու լայ քեզմէ շատ­շատ։

 

Քաշեր էր ձեռքը, բայց ափին հետ դէպի ինքը կու գար տղուն գանկը։ Այնքան կրակ ու ծանրութիւն զգաց անիկա։

 

Խորունկ շունչով մը կուրծքին ալիքը արգիլելէ ետքը, բաց ձայնով, Սողոմենց տղան մրմնջեց.

 

-- Կ’ուզեմ որ օգնես ինծի։

 

Անիկա կ’ամչնա՜ր։ Դէպի կեանքը զիջո՜ւմ՝ երբ ուզածը մահուան մէջ նպաստ էր միայն։

 

-- Ձեր ու մեր Աստուածը չի մոռնար բարիքը։

 

-- Ի՞նչ կ’ուզես ինձմէ։

 

-- Կապեն աչքերս ու այնպէս մեռցնեն։ Չեմ ուզեր կախեն։

 

-- Պիտի չկախուիս։

 

-- Աստուած սիրտիդ չափովը տայ քեզի։

 

-- Չհասկցար սակայն։

 

-- Կը բաւէ որքան հասկցայ։ Մեծ, փաշա քու հայրիկդ այսքան մը աղէկութիւն չի մերժեր՝ եթէ ուզես այդ բերանովդ։

 

-- Դուն պիտի չկախուիս, պիտի չմեռնիս, պիտի ազատիս այս բանտէն, եթէ…

 

Չկրցաւ։ Ճիգ ըրաւ, շարունակեց.

 

-- Եթէ, այո՛, եթէ… [73] եթէ դուն ինքդ ուզես…

 

-- Ինչպէ՞ս։

 

-- Եթէ մեր Հագ տին ը ընդունիս, օղլում Սուղում ։ Ահա կարճ խօսքով, հանըմ էֆէնտիին առաջարկը։ Ազատելու ուրիշ ճամբայ չկայ քեզի համար։

 

Եղնիկը, հաճ ու թեթեւ.

 

-- Այո, Սողոմ, այո։

 

Ձայնէն՝ հոգեկան այս թեթեւութիւնը տարածուեր էր անոր միւս շարժումներուն։ Ամբողջ դէմքը բացուեցաւ ինքնաբերաբար ու [74] գտաւ տեսակ մը պերճ գոհունակութիւն, ինչպէս կ’ընեն կարգ մը յուզումներ մեր արտայայտութեան վրայ այդ փոփոխումները։

 

-- Քեզի երդում, սա աչքերուս վրայ, որ քեզ կ’ազատեմ բաց մնացած այդ մէկ հատիկ ճամբով։

 

Անշուշտ փաշային աղջիկը եւ անոր ներքինի պահակը բանտ մտնելէ առաջ չէին ունեցած մտածման փոխանակութիւն։ Բայց ամէն թուրք հոգեւոր պարտքին տակը կը ծնէր անհաւատ մը «ածելու փրկութեան փարախը»։ Համիսլամութիւնը կերպը գտած էր հաշտուելու արդի քաղաքակրթութեան մեծ օրէնքներուն հետ։ Անիկա, կէս դար առաջ, տիրական երեւոյթն էր թուրք կայսրութեան։ Բայց կէս դար վերջը ի զօրու էր, քրիստոնեայ պատժապարտներու համար, ազատումի այդ անվրէպ ճամբան։ Ոճիրէն, սպանութեամբ վերջացող ոճիրէն դուրս, մնացեալ մեղքերը կը մաքրուէին առանց արարողութեան, երբ քրիստոնեան ընդունէր արդար եւ իրաւ հաւատքը։ Դարերով նուիրագործում ունեցող այս աւանդութիւնը Թանզիմաթ էն, Գանունը Էսասի էն [75] հազիւ ազդուած, կը գործէր հանրահաճ հեղինակութեամբ, Մեճելլէ ի (թրքական օրինագիրքը) յօդուածները անգամ ենթարկելով իր պատգամներուն։ Ո՞ր զեղծումին արդարացումը դժուար է թուրքին համար։ Անհուն սպանդ մը գործադրեցին Մեծ պատերազմին եւ մաքրեցին իրենց ձեռքերը մեր իսկ բերանով հաստատուած փաստերո՜վ։ …Ամէն քրիստոնեայ մարդասպան կարող էր դրամական ձեռնարկներով ճամբայ հարթել դէպի հաւատափոխութիւն։ Դատական արդարութիւնը հրճուանքով կ’ընդառաջէր այս տրամադրութիւնները` լրացնելով կարելի թերիները, ձեւակերպական արարողութիւնները, վկաներու պարտ ու պատշաճ շահագործումով, փաստերը մեկնելու եւ արժեցնելու ահաւոր ճկունութեամբ մը, որմէ չէին ամչնար Եւրոպա ուսած դատական նախարարներն անգամ։ Ու, օր­ցերեկով, հազարով աչքերու ներկայութեամբ, իր եղբայրը, ազգականը, ցեղակիցը սպաննող, կախաղանով մաքրուելիք թշուառականը, կ’անպարտանար, կը սրբանար, վկաներու փաստերուն մէջ դիտուած, հնարուած հակասութեանց երեսէն ու կը մտնէր «փարախը» անքոյթ, օրհնաբեր հաւատքին, գլուխին հետ նոյն հարուածով հոգին ալ ազատելով, աւրելու համար այդ «գործողութեամբ» երկրորդ անգամ մըն ալ տունն ու տեղը սպաննուածին, ասոր սուգին բարդելով դատական ծախքերը, բանտարկութեան առթած վնասներու հատուցումը։ Մեռնողին շարժուն եւ անշարժ ստացուածքները անբաւական կ’ըլլային այդ ծախքերը դիմաւորելու։ Կառավարութիւնը անոր պարագաներուն գլուխէն տունն ալ չէր վարաներ ծախելու, արդարութիւնը գործադրող իր սուրբ եռանդին մէջ։

 

-- Ինչո՞ւ կը լռես, - հարցուց պահակը իր կալուածին մէջ պերճ հռետորի մը ջերմութեամբը։ Շատերու բերնին լեզուն ուժի գործարան մըն է։ Տարուած իր առաջարկին հեռանկար գեղեցկութենէն, առանց պատասխանի սպասելու շարունակեց.

 

-- Այս առաջարկը բախտերուն բախտն է քեզի համար, հազարէն մէկ չի պատահիր, գիտցա՛ծ ըլլաս։

 

-- Այո՜։

 

-- Ատկէ զատ, մի մոռնար, որ քու գործիդ քոմիթա ալ խառնուած է։ Մի մոռնար, որ առտուն կանուխ պիտի իյնաս ասոնց պէս։

 

Կը խօսէր համոզիչ, նենգ ու արդար իր շեշտովը.

 

-- Կ’ազատիս։ Տարիքդ մեծ չէ, կը դնենք քեզի մեր վարժարաններէն մէկը։

 

Կը խօսէր վարժ, շատ մը նման ձեռնարկներ գլուխ հանող մարդու բնականութեամբ։

 

-- Սքանչելի ձայն ունիս։ Մինակ ատիկա բաւ է, որ մեծ մարդ մը դառնաս։ Աստուած եթէ ուզէ, փառաւոր, աննման ապագայ կը սպասէ քեզի։ Քոմանտան փաշան աչքին լուսին պէս պիտի սիրէ քեզ։ Այնպէս չէ՞, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Այնպէս է, այնպէս է։

 

-- Անիկա մեր վիլայէթ ին (նահանգ) բոլոր ձայնով մարդերը, տղաքը կ’ողողէ բարիքով։ Բոլոր միւէզզին ները, աշուղները ափերով ոսկի կ’առնեն անկէ։ Սո՞ւտ կ’ըսեմ, հանըմ էֆէնտի, դուք վկայեցէք։

 

-- Ճիշդ կ’ըսէ Մուսթաֆան…

 

-- Աստուծով կ’աւարտես դպրոցը։ Ես համոզուած եմ քեզ Աւրոփա ալ կը ղրկեն։ Կը զարգանաս ու կը ծառայես մեր շատ մեծ, շատ գեղեցիկ հայրենիքին։

 

Այդ օրերուն «հայրենիքը» աւելի հոծ, աւելի շօշափելի մտապատկեր մըն էր թուրքին համար։ Համիտին ռէժիմին նկարագիրներէն մէ՛կը, այդ ամրակազմ ու փառաւոր իսլամութի՛ւնը, որ դպրոցներով եւ եւրոպական վարչաձեւով (թուրքերը օրինակած են վարչական մեքենան) ապահովուած, անսահման վստահութիւն ունէր վեհապետին աստուածային անսխալութեան։

 

-- Ձերիններէն քանի՜­քանի՜ հատ կը ճանչնամ, որոնց բերանը անօթի կը հոտէր։ Անոնք քեզի պէս կախաղանցու ալ չէին։ Մտիկ ըրին մեզի, մտան մեր կրօնքին մէջ։ Հիմա՞։ Պալատներու մէջ կը բնակին։ Աստուած ուզէ ելլես բանտէն, պիտի տեսնես աչքովդ։ Առջիդ ելլող հրապարակին բոլոր սրճարանները կը պատկանին ձեր կողմերէն խելացի ու կրօնափոխ հայու մը, որ այսօր մեր քաղաքին երեւելի մարդոց մէջն է։ Ի՞նչ պիտի ըլլար անիկա, եթէ մնար իր պապերուն սխալին մէջ։ Ձկնորսի տղայ էր, ըսին։ Գողութեան համար պատիժ էր կերեր։ Առաջին տարին չլրացուցած՝ անիկա ընդունեց մեր արդար ու իրաւ կրօնքը։ Արդի՞ւնքը։ Մէջտեղն է։ Այսպէս քանինե՜ր։ Բոլորն ալ կը հասնին մեր պետութեան բարձրագոյն պաշտօններուն։ Պէյ, փաշա, վէզիր։ Ինչո՛ւ չէ։ Հերիք է, որ գրուած ըլլայ ատիկա ճակատիդ։ Սխա՞լ են ըսածներս, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Բառ առ բառ ճիշդ են, Մուսթաֆա՛, պատմածներդ։ Իմ հայրս ձայնէն աւելի սիրած բան չունի աշխարհին վրայ։ Անիկա պաշտպան պիտի կանգնի քեզի։ Իմ մայրս շատ կը սիրէ Հաւատիսը։ Դուն կը ճանչնա՞ս Հաւատիսը։

 

-- Չեմ ճանչնար։

 

-- Ձեզմէ է։ Քեզի չափ անուշ ձայնով։

 

-- Մեր կողմերէ՞ն։

 

-- Չէ, հեռուներէն։ Քանի տարի է, մեր խոհարարն է անիկա։ Իմ ծնելէս առաջ ալ մեր խոհարարն է եղեր։

 

-- Հիմա՞։

 

-- Հիմա ալ։ Ձայնը՝ անուշ ու շատ։ Բայց խելքը՝ քիչ։ Մնացեր է իր կրօնքին մէջ ու չէ կրցեր խոհանոցէն վեր ելլել։ Մինչդեռ, այդ ձայնով անիկա շատ, շա՜տ կրնար մեծնալ, եթէ մեր հաւատքը ընդունէր։

 

Անհաւատալի սա իմաստութի՞ւնը, անփորձ սա աղջիկէն, որ դիւրին ու պատրաստ -այս կեղծիքին մէջ կը փաթթէր ինքզինքը, իր հիմնական զգացումը օտարէն պահելու հոգովը տարուած։ Պէտք չէ դատել այժմու հոգեբանութեամբ մը գրեթէ կիսադար մը կանուխ վիճակներ։ Միսիոնարները, հաւատքի առաքեալները կը պատրաստուին, կու գան ազատամտութեան ոստաններէն։ Գուցէ մարդեր շատ տեսնեն այս մտայնութիւնը աղջիկներու մօտ։ Բայց պարտաւոր են խորանալ այն խոր ու միապաղաղ բարեխառնութեան, որով պարուրուած եղաւ թուրքերուն հոգին այդ շրջաններուն։ Դասական ու բարբարոս անոնց մոլեռանդութիւնը երկու մեծ հնոցներու մէջ ենթարկուեցան նորոգող կրակի։ Քաղաքային վարժարանները ու կրօնական շատ ամուր կրթութիւն մը իրարու միացան՝ երեւան բերելու համար անսահման ինքնավստահութիւն մը իրենց ցեղին վրայ։

 

-- Կ’աղաչեմ քեզի, որ չկրկնես անոր սխալը։ Դուն ազատ մէկն ալ չես Հաւատիսին պէս։ Երկու արիւն, քոմիթա ն արդէն կը բաւեն քեզ զգոյշ ու խելացի ընելու։ Կախաղան, առնուազն, ան ալ հրաշքով միայն հաւանական, ցմահ բերդարգելութիւն մը կը սպասեն քեզի։ Ասոնք գիտես հարկաւ։

 

Տաք, արգահատող բան կար այս բառերուն ներքեւ։

 

-- Ատկէ առաջ մահը, առտու կանուխ։

 

Մուսթաֆան էր։

 

Ի՜նչ պարզ ու բնական էր անիկա, հոգեկան իր հարուստ հաճութեամբը, ծիրանաւոր այն վայելչականութեամբ, որ թուրքերուն մօտ սպաննելը զերծ կ’ընէ իր առնուազն սանթիմանթալ խռովքներէն։ Տեսայ զիրենք, երբ կը սպաննէին։ Ու նախնական էր անոնց հոգեվիճակը։ Տեսայ զիրենք, երբ կը սպաննուէին։ Ու նախնական էր անոնց հոգեվիճակը։

 

-- Հա՜, առտուն կանո՛ւխ, չմոռնաս։

 

Անոր դէմքին ու ձայնին մէջ, այդ րոպէին գո՛լը այն օրերուն, երբ մէկի տեղ հազարներ իրարու կը կրկնէին սա պատգամը, դանակներ սրցնելով, օտար ալ ըրած իրենց արտայայտութիւնը կիրքի եւ յուզումի։ Ամէն տեղ անոնք սպանդը գործադրեցին սա ահաւոր սառնութեամբ, խաղ­խնդումով, յաճախ թմբուկով ու զուռնայով։

 

-- Դուք գիտէ՞ք մահէն աւելի արժող բան մը, - հարցուց Սողոմը` զայրացած սեւամորթին շնական շեշտէն։

 

-- Կեա՛նքը։ Վստահ եղիր ատոր, - ընդմիջեց Եղնիկը, - դուն չես ճանչնար անոր արժէքը։ Աշխարհի վրայ կան մեծութիւններ, վայելքներ, որոնք չեն մօտեցուիր քու ուղեղիդ։ Կայ տակաւին գեղեցկութիւնը արիւնին։ Կը հասկնա՞ս։ Երիտասարդ ես ու հակառակ ձեռքէդ ելած արիւնին, բախտաւոր ալ։ Մեղք է այդ ամէնը չտեսնել ուզել։ Կոյր ծնած մը արեւը չ’ըմբռներ։ Բայց չի կրնար ալ զայն հերքել։ Կ’ըսեմ ասոնք քու բարիքիդ համար։

 

Ու իր բառերուն ետեւէն՝ անիկա մուտք մը կը փնտռէր տղուն հոգիէն, քանի որ նայող, բաց՝ աչքերը Սողոմին հեռու կը թուէին ձայնէն ու տեղէն։ Սողոմենց տղան մտովի կը հետեւէր Վարք սրբոց էն տեսարանի մը, զոր կարդացեր էր կիներու խումբի մը, կիրակնօրեայ հաւաքոյթի մը պահուն աղջիկներու վարժարանը, ուր ժամէն ու պատարագէն չկշտացող բարեպաշտները կը կատարէին յաւելեալ պաշտամունք, աղօթքով, երգով, ընթերցումով։ …Այդ հեռաւոր երկրին մէջ, մահուան վաղորդայնին, գրեթէ սա լեզուով էր խօսեր պալատական աղջիկ մը քրիստոնեայ նորընծայ տղու մը, դեռ քսան չմտած` գովելով անոր համն ու վայելչութիւնը սա գեղեցիկ աշխարհին։ Աւելի՛ն. իր անձը չէր վարանած անոր ընծայաբերելու։ Յայսմաւուրքեան պատկերներուն ուժն է այսպէս խուժել մեր վրայ։ …Մեղմ ու բարի, արդէն «լցեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն», Քրիստոսի սուրբ նահատակը կոխոտած էր «առաթուր զորոգայթս բանսարկուին, արժանի եղեալ երկնաւոր Բրաբիոնին»… ու ելած, առտուն կանուխ դահիճին, մինչ անոր խաղաղ աչքերուն կը պարզուէր երկինքը, ու ասոր անարատ Որդին, փուշ­պսակէն արեան կաթիլներով տարածութիւնը «մարգարտօք» եւ գոհարով ողողելով։

 

-- Երկի՞նքը։

 

Հարցուց անիկա` ուժ առած գեղեցիկ, հեռաւոր տեսիլքէն։

 

-- Տղա՜յ, բոլորովին տղայ ես դուն։ Երկի՞նքը։ Անշուշտ ձե՛րը, այնպէս չէ՞։ Բայց ձեր գիրքերուն մէջ գրա՞ծ են նաեւ մեր երկինքին մասին, որ հազար անգամ հազար աւելի կ’արժէ ձերինէն։ Ան ի՜նչ խեղճ բան է ադ ձեր երկինքը։ Պոլիս տեսեր եմ անոր լուսանկարը։ Ձեր եկեղեցիներուն խոշորցուած պատկերը ճիշդ։ Դուն լսէի՜ր մերինէն։ Դուն գիտե՞ս լուսէ մարմինը հուրիներուն ։ Ամէն հաւատացեալ անոնց թեւերուն մէջ պիտի հանգչի։

 

Ու անոր թեւերը անզգալի կիսաղեղի մը մէջ առնել թուեցան ինչ որ անոր բառերը դրին միջոցին։

 

Սողոմը կախեց գլուխը։

 

Պատկե՞րն էր, որ զինքը կը խռովէր, թէ ուրիշ յուզումներ, իր ոսկորներուն մէջ նեարդացած հին զգայութիւններ դողի ելեր էին։ Անիկա առաջին անգամ որոշակի զգաց ծածկուած մասը անոր բառերուն։ Հաւատքը փոխելը մահէն ալ ծանր դասած էին մեր պատմիչները։ Ու անոնց հետեւող մեր մամերը այդպէս են սորվեցուցած իրենց թոռներուն։ Բայց մեր պատմիչները չեն խօսած սա անիմանալի ալ աղջիկէն, թէեւ մեր մամերը կը զգուշացնէին մեր ոտքերը դէպի թուրքին արտերը զառածելէ։

 

Յանկարծ զգաց, որ պատասխանին դժուարութենէն աւելի, անիկա ողողուած էր մարմինովը սա աղջկան, որ տեսիլքի՝ «արմանք» առթող տեսիլքի իր նկարագրէն ելեր էր դուրս ու կ’ազդէր անոր զգայարանքներուն, անվրէպ մագնիսովը սեռին։ Այս «թափանցումնե՜րը» սեռէն, որով մէկ օրէն միւսը, հոս տրուածին պէս՝ մէկ ժամէն միւսը մեր հոգեկան կազմը կ’այլանայ մեզմէ ու մեր խելօքութենէն կամ գազանութենէն կը ստեղծէ նո՜րը։ Տիրացո՞ւ։ Թող նահանջեն այդ տարիները։ Անոր մէջ կը յառնէր միսէ ու ոսկորէ պատանին, զոր իրերայաջորդ ու արիւնոտ դէպքերը խորտակած էին ատենէ մը ի վեր։ Բայց սեռին խորհուրդն է մեր փոշիներն իսկ օգտագործել ու հանդերձել նոր ստեղծումին։

 

Անհո՜ւն անոր ըղձաւորութիւնը պլլուելու անոր հասակին…։ Ստիպուեցաւ գլուխը աւելի խոնարհել։

 

-- Առջիդ մի նայիր։ Հիմա՝ որ այս ամէնը ըսուեցան քեզի, դուն արդէն կը պատկանիս մեր կրօնքին։ Շահած ես գլուխդ ու մեր ճեննէթ ը։

 

Պահակը կեցաւ` առանց շեշտէն իջնելու։

 

-- Կան տակաւին բաներ, որոնք պիտի իմանաս աւելի վերջը։

 

Ի՞նչ կ’ուզէր թելադրել։

 

-- Այո, բաներ, շատ բաներ։

 

Եղնիկն էր, ջանալով անոր գլուխը վեր առնել, քիչ մը աւելի մօտեցած անոր։

 

Սողոմը մնաց անշարժ։

 

Ու եղաւ լռութիւն։

 

-- Ժա՞մը, Մուսթաֆա։

 

-- Անցած է շատոնց, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Ատեն է մեկնելու։

 

Հոն էր սակայն։

 

-- Տակաւին շատ տեղեր ունիմ։

 

Կ’ըսէր գրեթէ ինքնիրեն, նախապէս վճռուածին վստահութեամբը, որ մեր ձայնը կը զատէ մեզմէ։

 

-- Շատ, շա՜տ տեղեր։

 

Ա՛յնքան՝ որ բառով յայտարարուած սա մեկնումին իբր հակառակ իմաստ անդրադարձաւ անոր դէմքին, որ կը մօտենար, հովէն։ Կը խօսինք երբեմն ճիշդ հակառակը մեր մտածումին։ Ու կեղծիք չէ ասիկա, քանի որ կ’ընենք զայն մեր գիտակցութեան չհասած օրէնքներով։ Որքան պիտի ուզէր անիկա յամենալ սա տղուն մօտ։ Որքան կ’ուզէր…

 

-- Շատ մարդեր, տեսնելու։

 

Չէր զգացած, թէ կը քսէր թաւիշ իր շրջազգեստը տղուն այտին, այնքան մօտ էր անոր, իր ներսէն։

 

-- Պատուիրակ փաշան…

 

Եղնիկը, խիստ, սեւեռեց միջամտող պահակը, որ հազարապետը յիշեր էր հօրմէն առաջ։

 

-- Հայրի՛կս։

 

Շեշտեց անիկա ձայնին [76] ։ Միւս կողմէ՝ իր մարմինը տաք բանով մը սկսած էր տարբերիլ, վասնզի տղուն շունչը կը թափանցէր մետաքսէն։

 

-- Անոր հրամանովը վաղ առտուան վտանգը պէտք է հեռանայ։

 

-- Այո՛, հանըմ էֆէնտի, այո՛. քոմանտան փաշան։

 

Ներքինիները շատ դիւրաւ կը թափանցեն կիներու խորհուրդին ու կը հասկնան չըսուած բաներէն։

 

-- Հայտէ, Մուսթաֆա, վերցուր լապտերը։

 

Ու չէր անդրադառնար, որ փոխանակ բացուելու տղայէն, կը դպէր անոր, գրեթէ ճնշելու չափ, թաւիշէն ալ հաստ մասովը իր զիստին [77] ։

 

Պահակը չերկնցուց ձեռքը։ Խորունկ հոգեբան՝ անիկա սորվեր էր հաւատալ իր պտտցուցած կիներուն աչքին, դէմքին, քան թէ խօսքերուն։ Անվրէպ անոր փորձառութի՜ւնը սա հանըմներուն ինքնամոռանքէն [78], երբ այնքան արգելքներէ, վտանգներէ ետքը անոնք պատեհութիւնը գտնէին արուներու   --սիրահարները ուրիշ բառ չունեցան անոր բերնին վրայ-- [79]  հետ ըլլալու։

 

-- Քեզ ազատելով մինակ քեզի չէ, որ բարիք կ’ընեմ…

 

Չշարունակեց։ Կը վախնա՞ր աւելի խօսած ըլլալէ։ Անոր ճկոյթը խոշոր մատնիովը վեր առաւ մէկ խոպոպիկը։ Կիները ունին այս մանր շարժումները, որոնք հոգին կը բանան։

 

-- Կ’ընեմ բարիք ուրիշին։

 

-- Ո՞վ ատ ուրիշը։

 

Սողոմը հարցուցեր էր արագ։

 

-- Կու գայ ատենը ատ ալ գիտնալու…

 

Ըսուած՝ տարտամ, ինքնիրմէ հեռու կամեցողութեամբ մը։ Ունինք այս յայտնութիւններէն, մեզմէ չգուշակուած։ Անոնք մեզմէ մեկնած պահուն սեւեռելի չեն, ու ատով՝ աւելի մատնող։ Միայն կարմիրի ալիք մը եկաւ ու անցաւ անոր այտերէն։

 

--Մի մտածեր…

 

Չշարունակեց։ Կը վախնա՞ր արտասանելէ բառը, որ մտքին մէջ կազմուած էր այնքան կանուխէն, տակաւին բանտ չմտած։

 

 

Ե՞րբ դրաւ ափը անոր ճակտին։

 

Շեղ՝ մատերուն ծայրերը գտնելու աստիճան անոր քունքը։

 

Բայց լայն ու ամբողջ։ Անիկա ունէր սա ընտանութիւնը, մօրն իսկ ներկայութեան, վարպետ Հաւատիսին հետ, մռայլ անոր ճակատը սուր եղունգներով արիւնելու չափ գծաւորելէ ետքը։ Կատո՜ւ։ Երկրորդ իր անո՜ւնը՝ խոհարարին անուշիկ բերնէն, որ հեղինակն էր առաջինին ալ։ Եղնիկը, թուրքերուն Կազէլ ը, գիւտն էր Հաւատիսին, որ այդ փափուկ էակին թրքութիւնը կը վանէր՝ ֆաթմա ն մոռցնելով։

 

Այրեցաւեր այդ երեսին այդ ա՜փը։ Ածականները դուք գտէք։ Ազատութիւն, երիտասարդութիւն, իշխանուհիներու շղարշով հիւսուած անկողի՜ն։ Ա՞փը։ Աւելի՜ն։ Սողոմը սարսուռով յիշեց բանտի իր ընկերը, որ մորթեր էր սա տարիքէն աղջիկը փաշային։

 

Ա՜փը։

 

-- Կը մնաս հոս այս գիշեր ալ։ Ոչ մէկը կրնայ դպիլ քու մազիդ։

 

Ու ափը եղաւ անուշիկ ալիք մը, տաք բան, որ դողաց, գոգաւոր եղաւ, քալել ուզեց, բայց մնաց։ Մեղմ այդ սեղմումը, որով ուրիշի միսին վրայ սիրտ մը կը դնենք։

 

-- Առտուն կը տարուիս քու հին տեղդ։

 

Ափը եղաւ հաստատ թիկունք։ Տարածուեր էր տղուն ամբողջ երեսին։ Այդպէս կ’ընեն մայրերը իրենց լացող փոքրերուն։ Ու ամէն աղջիկ մայր է, առնուազն պուպրիկի մը այտերուն։ Այդպէս կ’ընէր անիկա վարպետ Հաւատիսին, ծունկը դրած անոր ծունկին, երկու ափերուն մէջ մեղմ ապտակելով անհասկնալի դէմքը խոհարարին, ու սպասելով իր մէջ մռայլ բաներու, որոնք գոյ են բայց անձեւ, երկար ատեն ջիղերով անսեւեռելի։ Խոհարարը, հօր մը պէս, պիտի հանդուրժէր սա ընտանութիւնը, քրտնած, հետզհետէ տրտում, մինչեւ աղիքները դղրդուած անտարազելի զգացումով, որ տարօրինակ յստակութեամբ կ’անցնէր պարման աղջիկին ու կը նեղէր զայն։ Սեռային հոսանուտ մը կա՞յ։ Ու կա՞ն անկէ զերծ մարմիններ։ Մեր քաղաքակրթութեան մէջ շատ քիչ է անոնց թիւը, քոյր, եղբայր…։ Ինչո՞ւ մարմնական սա ողողումին դէմ չէզոք կը մնար վարպետ Հաւատիսը…։ Աղջիկները կանուխէն կը հարցնեն այս յիմար բաները իրենք իրենց։ Ու կը նեղուին, ո՛չ թէ չգիտնալնուն, այլ՝ գիտնալու վախնալնուն։

 

-- Մինչեւ որ պատրաստուին թուղթերը։

 

Ափը հասաւ կզակին։

 

Ու անկէ ծորած խռովքը բաւ էր այդ տղան մղելու կախաղանէն ալ անդին։ Գգուանքը թոյլ կ’ընէ մեզ, մեր ամէնէն ամուր կարծած զգայարանքներուն վրայով։ Սողոմենց տղան հոգեկան դոնդող էր այդ մատներուն մէջ։

 

-- Տէ ելիր, Մուսթաֆա, ատեն է…

 

Տեղէն չշարժեցաւ պահակը։

 

Անիկա «կապուելիք խենթ» չէր, մատ երկարելու համար լապտերին, իմաստուն, լուրջ, զգոյշ։ Աս էր պարտքը բոլոր իրենպէսներուն։ Անիկա պարտաւոր էր սպասել ու գտնել յարմարագոյն րոպէն, որ սեռային հանդիպումները կ’աւարտէ ու քիչ անգամ կը յայտնուի բերանով։ Անիկա ծեծ կ’ուտէր կիներէն ամէն անգամ, որ ըլլար միամիտ, իր բառովը՝ յիմար, մտիկ ընելու միայն անոնց ձայնին, ժամադրավայր խորանին ներսէն, երբ կիսակորոյս, կիրքին թեւերէն դեռ լիովին չազատուած, բնազդական վախով մը իրենք իրենց կը հրամայէին «տուն արշաւել», անկարող սակայն քայլ իսկ փոխելու, այնքան ծեծուած, ծծուած, տրորուած էին անոնց բումբերը, երանքները, անոնց տակի ոսկորները ու մէջքի փապուղին, ուր յոգնութիւնը կ’երկննայ անվերջ ճամբու մը նման։ Պահակը պիտի լսէր դուրսէն, «իր դիրքէն» անոնց հրամանը, պիտի յայտնէր իր ներկայութիւնը՝ [80]

 

-- Այո՛, այո՛, հանըմ էֆէնտի, իսկոյն, իսկոյն…, - բարբառելով քաղցրութեամբ, բայց չշարժելով իր «դիրքէն», վասնզի շատոնց է, որ բանաձեւած էր իր փորձառութիւնը պատկերուն առածով մը.

-«Պալատին աւազանը ու արուին ծոցը նման են իրարու…»։

 

Այսպէս կը խօսէր՝ բացատրելու համար խորունկ իր զարմանքը զգացումի մը, զոր չէր հասկնար։ Իրողութիւն էր, որ պալատին տաք աւազանին ու արուին մէջ կիները իրենք զիրենք կը նետէին խենթի պէս ու, ընկղմելէ ետք՝ կ’ելլէին անոնցմէ միշտ կէս մը հիւանդ։ Ու ինչպէս յախճապակի պատերով բաղնիքէն ետքը, ժամադրութեան սենեակին ալ, դեռ չհագուած հանըմ էֆէնտիները պիտի երկննային տիւաններու, տարփանքին յետին կաթիլն ալ սպառելու։ Անոնց լեզո՜ւն, որ աշխարհի ամէնէն անուշ բառերը կը ճարէր արուին հաշուոյն։ Անոնք, գրեթէ վռնտուած՝ պիտի բաժնուէին այդ տաղաւարներէն, երդումով ճշդելէ յետոյ օրն ու ժամը յաջորդ «հարսնիքին»։ Աւագներու տարփանքը այնքան եղկելի նմանութիւններ ունի ոչ­աւագներու շնութեան հետ։ Առաջ, այսինքն՝ մօտ դար մը առաջ, երբ այրերը առանց արարողութեան կը սպաննէին շնացող կիները, ներքինին, իր գլխուն գնովը, կը ծառայէր զօրաւոր սեռին։ Կէս դար յետոյ, անիկա փոխած է դերը` անցնելով կիներու մեղսակցութեան։ Եւրոպա ըրած փաշաները բաւական նուրբ էին իրենց կիները չզիջելով գլխատելու։ Հապա աղջիկնե՞րը։ Իշխանազուն ու տատրակ, գեղեցկուհի ու եղնիկ, կոկոնաւոր այդ հանըմիկները, տասնհինգէն քիչ վար կամ վեր, որոնք շատ մեծ գայթակղութեան եւ արիւնի գնով միայն կը պահպանէին իրենց թանկ, շատ թանկ կուսութիւնը, անսահման պալատներու, նոյնքան անծայր մրգաստաններու հարիւրաւոր խորշերուն, մենութիւններուն, ներքինիներուն ու սպասուհիներու գէջ մտերմութեանց մէջ շուարած, փնտռելու վարժուելով ինչ որ անզբաղ ու հեշտ կեանքը կը հասունցնէ այնքան արագ աղջիկներու միսերուն խորը։ Անոնք մահուան սարսափի մը տակ կը պահէին իրենք զիրենք, քիչիկ, շատ քիչիկ բաժին հանելով իրենց շատ մօտիկ պէյիկներուն  --հօրեղբօր որդի, մօրաքրոջ որդի--    գրկըւուք ու համբոյր, արագ ու անիմաստ, որոնք այդ տղաքը կ’ընէին խենթ, երբեմն ոճրագործ, չարաչար տուժել տալով ազգականութեան փորձանքները։ Հո՞ս։

 

-- Կեավուր ի լակոտի՞ն համար։

 

Որ բաղդատելի չէր կրնար ըլլալ գեղանի պէյզատէներուն։ Դատումին ճշդութի՜ւնը։ Բայց աշխարհը խելքով չի քալեր։ Ու աղջիկները պիտի դադրէին աղջիկ ըլլալէ, եթէ հասնելէ վերջ մեծերու պէս զգալու տարիքին, մտածէին ու գործէին մեծերու նման։

 

Անիկա վախն ունէր աւելիին։

 

Անոր մռայլ ուրախութի՜ւնը՝ երբ լսեց վերջապէս սպասուած հրամանը.

 

-- Երթանք։

 

Եղնիկը, բառին հետ, քաշեր էր ափը տղուն երեսէն։ Ու անոր մարմինը արեւելուած էր դէպի դուռը։

 

Սեւամորթը, աճապարոտ, վերցուց լապտերը։

 

-- Կ’երթա՞ս։

 

Սողոմն էր, բառին հետ բռնելով անոր քղանցքը։

 

Սա սրբապղծութի՜ւնը, որուն համար կեավուր ին լակոտը պարտաւոր էր աջ բազուկը վրայ տալ, նոյնիսկ քսաներորդ դարու սկիզբը, եթէ երբեք Եղնիկները չըլլային խենթեցած։ Մտածեց արագ իր հպարտութեան մէջ զայրոյթէն եռացող, բայց ինքզինքը ծածկելու հարկադրուած պահակը։ Անիկա չկրցաւ աչքերն իսկ խիստ, ոլորագին շրջել տղուն, որ չէր տեսներ զինքը, ամուր փաթթուողի մը նման, գրեթէ առնելով Եղնիկին ոտքը իր թեւին մէջ։

 

Աղերսարկո՞ւ։ Տարփավա՞ռ։ Խե՞նթ։ Ո՞վ պիտի զատէ վախը սէրէն։ Սէրը՝ մահէն։ Ատկէ զատ, ծաղիկին հունտը, հովին թեւերով, ճամբորդած պահուն չի հարցներ ո՛ւրը։ Կ’իյնայ քարին ու փուշին, երբեմն ալ՝ իշխանուհիներու սիրտին։ Ու կ’անցնի անիկա ազգերու ատելութեանց, կրօնքներու եւ քաղաքակրթութեանց ծովերէն։

 

-- Չերթա՞մ։

 

Կը հարցնէ՞ր, թէ կը խնդար։ Չէր կարելի ճշդիւ հասկնալ ասիկա այդ դէմքէն, ուր կար ժպիտի մօտ բան մը, բայց չէր ատիկա։ Յուզումի մէջ խոր ենք ու լուրջ ու դժուար կը պահենք մեր անձնականութեան կնիքը մեր երեսին։ Ժպիտը խաղ է, վաղանցուկ, առանց յատակի, ու չէ մեր արտայայտութիւնը, նման պահերու, ինչպէս չէ փրփուրը՝ ջուրին։

 

Գիծերու գոլ մը անցաւ անոր այտերէն։ Տե՞ղը։

 

-Մեծ ու խոր ձգողութի՛ւնը, սեռին դիւթք ը (գէշ այս բառը ճշմարիտ կ’ըսէ հոս), որ ըրաւ անոր երեսները անդիմադրելի։ Արտերը իրենց վայրկեանը ունին սերմը ընդունելու։ Այսպէս ալ սիրտերը։ Այդպէս ալ՝ դէմքերը, իրենց հրաւէրը ընելու։

 

Կրկին երկարեց ափը, բայց այս անգամ բերանին։ Անիկա ըրաւ այդ գրեթէ անգիտակից շարժումը, գոլին մէջը միւս պատկերին, որուն յատակը կանանոցն էր, իր վարպետովը։ Այդ մատները այդպէս կը ճմռէին Հաւատիսին շրթները։ Համբո՞յր։ Այդ շրջանին տղաքը կիներու ձեռքը չէին պագներ։ Բայց գիտնալու ենք, որ մեր մարմինը աչքերէն դուրս ուրիշ շատ ճամբաներ ունի ուրիշներու մէջը նայելու։

 

Յետո՞յ։

 

-- Կիսաբզզիւն այն մշուշը, որ տաք հոսանքով մը կ’անցնի մեր ճակտին քովերէն, սողոսկուն ու խոնաւ, ու կ’իջնէ վար դէպի ուրիշ մասերը մեր մարմինին։ Քոմանտան փաշային աղջիկը, այդ վիճակովը, նմանելի էր շատ մը բաներու, բոլորն ալ բարակ, բոլորն ալ կենալու անզօր, բայց կ’առնեմ մէկ հատը։ Թափած ունի՞ք կաթիլ մը վարդի եղ, աղուոր կուրծքի մը վրայ։ Ինչպէ՜ս այդ պուտ մը բանին տակ կ’աճի, կը մեծնայ այդ կուրծքը ու կ’ողողէ մեզ։ …Անիկա նման էր այդ կաթիլին, որ կը բխի անտես իր ակերէն ու ամէն կայլակի վրայ աղջիկ մը կը փոխադրէ դէպի մեր զգայարանքները։

 

Ու այդ մշուշը նիւթական առաջին զգայութիւնն էր անոր, որով նորոգուեցաւ, աճեցաւ անոր անձը, իրմէն դուրս։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ մարմինէն որոշ մասեր կը փրթէին ` երթալու համար տղուն մարմինին։ Ու ասիկա վախցուց զինքը։ Եկա՞ծ, րոպէ՛ն, ուրկէ անդին մենք չենք կրնար պահել մեր անփութութիւնը, քաջութիւնը՝ կարգ մը յուզումներու, միսէ շարժումներու հետ։

 

 

Որքա՞ն յետոյ, հայհոյանքի (լուռ) ու զարմանքի փոփոխ յուզումներէն որքա՞ն յետոյ պահակ Մուսթաֆան վերցնէր պիտի լապտերը կրկին։ Ժամանակի զգայութիւնները յստակ են ու սեւեռելի մեր անզբաղ, չլեցուած պահերուն։ Սեւամորթը խռոված էր հանըմին, որքան կեավուր ին հաշւոյն, որ շահուած էր արդար կրօնքին։ Կա՞յ բան մը, որմէ տկարանայ կինը։ Անիկա կը մտածէր թուրքի միջին իմաստութեամբ։

 

Եղնի՞կը։

 

-- Պահակին առջեւ չինկած՝ անիկա գտեր էր հոգեկան իր նոր բիւրեղացումը։ Ու ասիկա առանց ձայնի, համբոյրի, արցունքի, որոնց [81] սեռը ինքզինքը կը հանէ իր փաթաթներէն։ Ոմանք իրենց պատանութեան այդ զոհը կ’ընեն, երկարատեւ ճենճերումով, անցնելով սեռային բջիջներուն բոլոր ճամբաներէն։ Տեւողութիւնը կը հասունցնէ զանոնք։ Ուրիշներ, մէկ օրէն միւսը կը գտնեն իրենց հոգեկան նորոգ դրութիւնը, հիւլէական դասաւորումը, որով տհաս կենդանիէն կը յառնէ պողպատը մեր ոգեղէն շէնքին։

 

Չէր դարձած ետին, դուռէն դուրս սուզուելէ առաջ, հակառակ անոր, որ մէջէն ձայն մը անդադար կը թելադրէր ատիկա, -դառնալ ետ, պլլուիլ տղուն ճիտին, ու անոր խռովակոծ, յուսաբեկ տագնապին մէջ    --սեռայինը հաւասար կու գար ոճիրին ճնշումին--    նետել անհերքելի յոյսը, իրականութիւնը իր մարմինին։ Բարիքը խիստ յաճախ կը մեկնի սեռէն, ըսած է մէկը։ Աւելի՞ն։ Խմել անոր բերանէն, այնքան անուշ խօսող բերանէն ի՛նչ որ ժողովրդական երգերու տարազովը վարշամակուած կը թափառէր ահա, տարիներէ ի վեր, իր ականջի դուռներուն. ա՛ն [82] ՝ որ խոնաւ էր ու ջերմ, ինչպէս շրթունք մը ու ձայնին վրայ թառած օդերէն ճամբորդած ատենը վեր կը հանէր սիրտը լանջքին բանտէն [83] ու կ’ընէր զինքը խորապէս տրտում (հարցնելու համար վախնալով ինչո՛ւն) ու մղելով զինքը առանձնացումի, փակ պատուհանի, կղպուած դուռի, մահիճին խորը, կիսամերկ ու քնքուշ, դէմը հայելիին, որ կը դարձնէր ետին իր մատղաշ մարմինը, պակաս՝ անոր տագնապը, աւելի՝ մռայլ հրապոյրը անայց իր ձեւերուն…։ Պալատներուն մէջ կինը այսպէս կը յօրինուի։ ։ Դառնալ ե՜տ։

 

Աւելի՞ն։ Խմել՝ այդ տղուն մէջէն ինչ որ ակն է անծանօթին, զոր խոշոր լեռներ, տարիքէ, դաստիարակութենէ, ժառանգութենէ ընկրկուն կը պահեն ետեւը իրենց մշուշներուն։ Զուր տեղը չէ, որ աղջիկները վէպ կը կարդան, կը հասուննան ներքինիներու ծոցը ու սպասուհիներու լանջքին կը սորվին խածնել։ Աւելի՞ն։ Բան կայ, շատ բան տակաւին։ Զուր տեղը չէ, որ երկու հազար առնութիւն բռնի վար են դրուած խորը բանտին բջիջներուն։ Քարն իսկ կը ճամբորդէ, կ’ըսէ ժողովուրդը։ Ծաղիկներն ալ չե՞ն ճամբորդեր։ Ինչո՞ւ չունենայ այդ կարողութիւնը հոգին սա դատապարտեալներուն, որոնք երկու առտու անոր՝ Եղնիկին մարմինը երազեցին, ոգեցին, ծամեցին ու կերան, ինչպէս կը պատմեն հեքիաթն ու իրողութիւնը, ինչպէս պատմեր էր կախարդ պահակը իր տարիքէն ուրիշ իշխանուհիի մասին, իրեն պէս առանց քողի, մերժելով ներքինիներուն ընկերակցութիւնը ու հեռանալով ամայի լռութիւններու հսկայական դարաստանին։ Այդ աղջիկը ափափուեր էր իրմով խենթեցած պատանիէ մը, որ գլխուն գնովը պլլուեր էր անոր մարմինին, շրջեր հասակը՝ խորը թաւուտին, խմելով անոր ստինքներէն գերագոյն սարսուռը ու դողահար շրթներէն ալ մահուան պատգամը։ Ծերուկ պարտիզպանին արիւնէն այդ տղան, նոյն այդ թաւուտին խորը, ժամեր տեւող տանջանքէ մը վերջ, յանձներ էր հոգին անճառ երանութեան մը մէջ, անզգայ ցաւին ու դանակին, իր սիրոյն ուժգնութեամբը գորովի բերելով բռնաբարուած իշխանուհին, երբ տանջանքին ընդմէջէն ատեն էր գտեր կազմելու եւ արտասանելու ահաւոր նախադասութի՜ւնը, եօթը հոգի ալ ունենար, եօ՛թն ալ պիտի տար անիկա, առանց թարթելու, անոր զոյգ մը ծիծերուն։ Այսպէս կը խօսի հեքիաթը։ Այսպէս կը խօսէին Միջին դարուն բոլոր այն կապարճակիրները, մանկլաւիկները, շինական անազատները, երբ խենթութեան օր մը, իրենց տիրուհիին կամ անոր աղջկան հասակը կը շրջէին թաւուտին, մահիճին, նկուղին խորը ու, երազը շուրթներուն մահուան կը վազէին, իրենց գլուխները երկարելով պահակին։ Բայց՝ Միջին դարուն։ Արեւմուտքի գրականութիւնները շահագործած են այս քերթուածները, որոնք այդ հզօրագոյն զգացումէն իրենց ծնունդը կ’առնեն։

 

Այս կարգի դրուագներով հարուստ է տակաւին սեռին հեքիաթը Արեւելքի մէջ, ուր աղջիկները ներքինիներու անվտանգ նկատուած առնութեան ու մարմինին վրայ կը վարժուին մութ ու հեռաւոր հարուածին, որով կը բացուի դուռը գիտութեան [84] պարտէզին։ Այս տեքոր ով ու զրոյցներով, այս զգացական փորձառութիւններով պատմուճանուած, ոսկիին ու մետաքսին բոլոր գրգիռներովը, ամէն րոպէ թրթռուն, ու գոհարակուռ բանտի մը վանդակներուն ետեւէն, ու [85] անոնց սենեակէն՝ [86] մեծ, երկարուն ու չհատնող պալատներուն խորը, անոնք օրը անգամ մը մտովի կը փետտեն իրենց ոսկի շղթաները, հեքիաթին պատմածին պէս, իրենք զիրենք արձակելով դէպի ամայութիւնները անծայրածիր բուրաստանին, կենալու համար առջեւը թաւուտին, ուրկէ պիտի բուսնի պարտիզպանին տղան, կամ հոս գրուածին նման, բանտի պարունակէն դէպի աւազանները Ջերմուկներուն, ուր պիտի իյնան, աչքերնին գոց։

Եղնիկին վերջին խօսքն էր եղած՝

 

-Չվախնալ։

 

Վերջընթերը՝

 

-- Սպասել առտուան։

 

Անկէ առաջը՝

 

-- Հաւատալ իրեն։

 

Ու մտեր էր անիկա մութին մէջ, ետ չդառնալով, ակռաները պինդ սեղմած։

 

Անիկա չէր համբուրած։

 

Բ.

 

Կառքը, գեղերու մէջ գործածուած տեսակէն, որուն անիւներուն վրայ դրուած մասը ձեւն ունէր շրջուած տակառի մը, կանգ առաւ փողոցի կէսին։

 

Բազմամբոխ շուկաներէն յետոյ, ուր մարդոց չափ, կոյրերուն չափ շուներուն ցեղախումբերը նեղութիւն կու տան սայլորդներուն, ու իրերանցիկ, ծուռումուռ իրենց ճամբաներովը, քայքայուն սալարկովը, ձմրան մուտքերուն ցեխի մեծատարած դարաններ կը փորեն քիչ փորձ կառապաններու, հանդարտ, գրեթէ՜ ամայի սա փողոցը հայոց եկեղեցիին։ Երկկողմանի, բայց թուղթի քաշուած գիծի մը վրայ ինչպէս, բնակարանները մէկ ոճով, բոլորն ալ նոր՝ գէթ իրենց արտաքին ծեփին պատկերովը։ Իւղաներկ, մեծ, անվանդակ պատուհաններ, համեստ, բայց կոկիկ։ Թուրքերու թաղերէն ետքը այս պայծառ ու պարզ մաքրութիւնը կը տպաւորէ ամէն օտարական ու նորեկ։ Մա՛նաւանդ սալարկին գրեթէ լուացուած երեսը, ուր թուղթի կտորը կամ լուցկիին փայտն իսկ հանդիպելի չէին։

 

Դո՜ւռը, հայոց եկեղեցիին։

 

Որուն դէմ զառիվեր մը, նոյն ոճով բնակարաններէ եզերուած։ Ուրկէ վեր զառիվեր մը եւս, մէկ գիծ, հսկայ իր սապատը փռելով, յանգելու համար շերամաբուծական վարժարանի սարահարթին։

 

-- Մեր դպրո՛ցը։

 

Ըսողն էր [87] կառապանին քով նստող հաճի Զաքէոսը, որ գլուխը ներս, կառքին [88] խորը [89] դարձուց ու բարակ մնացած իր ձայնովը խզեց լռութիւնը, ինչպէս պիտի ըսէր 900ի վիպասան մը։ Հաճի Զաքէոսը ատենադպիրն էր Ս. գեղին թաղականութեան։ Ու կառքը գեղէն պատուիրակութիւն մը կը փոխադրէր հայոց առաջնորդարանը` կազմուած թաղականութեան ատենապետէն, տաներէց քահանայէն ու տաճկըցողին մօրմէն։

 

Քոմիթա ներուն հետախաղաղ կորուստէն յետոյ, Սողոմին ճակատագիրը քալեր էր ձայնին գնովը։ Քոմանտան փաշային անձնական միջամտութիւնը կեցուցեր էր դատական գործողութիւնները։ Թղթածրարը պահ էր դրուեր ընդհանուր դատախազութեան մէկ դիւանին ու ջնջուելէ առաջ կը սպասէր վերջին սա արարողութեան լրացումին, որուն համեմատ տաճկըցողը պաշտօնապէս պիտի ուրանար իր ծնողքը, տան քահանան, անով ներկայացող կրօնքը ու ընդունուէր «արդար եւ իրաւ» կրօնքին մէջ։ Թանզիմաթ էն յետոյ այս ձեւակերպական նրբութիւնները կը յարգուէին մա՛նաւանդ կուսակալանիստ քաղաքներու մէջ։ Ու հակառակ անոր, որ գրեթէ միշտ բռնութիւնն էր գործողը, այս կրօնափոխութիւնները յարդարողը, թուրքերը՝ օրէնքին տառը, վկայութիւնը, պաշտպանութիւնը ունեցան իրենց թղթածրարներուն մէջ ամէն տաճկըցողի համար, հաւաքական ջարդերու պահուն որդեգրուած եղանակէն դուրս։ Մազպաթա [90], իսթիտա [91], դատական օրինաւոր հետապնդում, Շէրի ի աւանդական տրամադրութիւնները, կրօնական գործերու վարչութեան նիստերն ու որոշումները, պաշտօնական ամբողջ կազմակերպութիւն մը կ’աշխատէր ամէն անգամ, որ աս ու ան ձեւով քրիստոնեայ մը, հրեայ մը շփումի գային տաճկըցնող տարրին հետ, որ բռնաւոր մը, կին մը, բարեկամ մը, հաշիւ մը, վրէժխնդրութիւն մը, քէն մը կրնար ըլլալ պարագային հետ։ Շարժառիթին փոքրութի՛ւնը, բայց շարժումի ելած ուժերուն մեծութի՜ւնը։ Աւելցուցէք Ջարդերէն յետոյ մեր, ազգային իշխանութեանց նկուն, փցուն, վախի տակ գրեթէ անդամալոյծ գոյութի՜ւնը։ Քաղաքներու առաջնորդները [92] տաճկըցողը ազատելու ջանքը անգամ վնասակար նկատեցին, չգրգռելու համար թուրք ամբոխին եռանդը։ Ու յեղափոխական վտանգէն յետոյ, տաճկընալուն փորձանքը զանոնք տանջող մեծագոյն տագնապը եղաւ։ Պրուսայի առաջնորդը, այդ օրերուն, Կիրակի առտուները բարձր թուրքերէնով մը իր քարոզը կու տար, կէսօրէն յետոյ տիկիններ կ’ընդունէր, տարին երկու պատարագ կը մատուցանէր ու այդ առիթով «Որ օրհնես զայնոսիկ» ը զմայլելի անուշութեամբ մը սիրելի կ’ընէր քաղաքին ամենազգի, արեւելագէտ երաժշտասէրներուն, որոնք չէին փախցներ այդ պատարագավերջը։ Ուրի՞շ։ Տէր Մեսրոպը կը ղրկէր գիւղերը, առաջնորդարանի տուրքը հաւաքելու։ Գահակալութեան եւ Ծննդեան տարեդարձներուն, վեղարաւոր, իր ժողովուրդին հաւատարմութիւնը կը մատուցանէր «բանիւ եւ գրով» «յոտս կայսերական գահոյից» եւ ամէն Երեքշաբթի կուսակալութեան վարչական ժողովին կը տանէր իր նուրբ թուրքերէնը։ Աւելի՛ն. քաղաքին հայ հարուստները ուզած ատենը, անպաշտօն նիստի կը հրաւիրէր, վարելու համար ընթացիկ պարունակը։ Ատոնցմէ մէկը՝ տաճկընալու պարագան։

 

Սողոմին հարցին մէջ անիկա փոխանակ օգտագործելու իր մտերմութիւնը քոմանտան փաշային հետ, փորձեր էր պարկեշտ ու բացարձակ չէզոքութիւն. ունեցեր էր այդ առիթով խղճի ազատութեան մասին բնազդական խօսակցութիւն մըն ալ փաշայէն ղրկուած հարցաքննիչ դատաւորին հետ, ուր կը պաշտպանէր բոլոր կրօնքներու բարձրութիւնը ու գիտակցութեան հասած անհատի մը համար սահման չէր ընդուներ փափաքուած կրօնքին յարելու։ Այս իմաստասիրական ազատամտութիւնը արդար համբաւ մըն ալ բերաւ անոր ճշմարտապէս բարձր կալաթասերայեան դաստիարակութեան։ Ճշմարիտ մարդը ա՜ն էր, որ օգտակար կ’ըլլար իր նմաններուն։ Ծառայել իր վեհապետին։ Անշուշտ նրբութիւն մը կը զատէր սա մտածելու կերպը Չամիչեան սրբազանին հին իմաստասիրութենէն։ Բայց մեր պատմութիւնը թեթեւցնելու հարկին տակ կ’անցնիմ արագ։

 

Ս. գեղին պատուիրակութիւնը առաջնորդին «փութանակի» հրաւէրովը մէկ գիշերուան մէջ աւարտեր էր իր կազմը ու ինկած ճամբայ, առտուան դէմ հասնելու համար վերջնական փորձին։ Կառապանը ջարդած էր իր ձիերը, օրուան կէսին ըլլալու համար ժամուն դուռը ու հպարտ էր ազգասիրական պարտք մը կատարողի գոհունակութեամբը։

 

-- Մեր դպրո՛ցը։

 

Երանելի՝ հաճի Զաքէո՜սը։ Անդամ պատուիրակութեան ու ատենադպիր «թաղական խորհրդոյ»։ Որ, մեծահարուստ ընտանիքի մը պատկանելուն ու իր մշակուած լեզուին ու բարձր ուսումին համար, հակառակ աղքատիկ երիտասարդ մը ըլլալուն, արժանացեր էր այդ գերագոյն պատիւին։ Հօրը ողջուցը՝ անիկա ապրեր էր «թագաւորի տղու նման», ինչպէս կը պատկերէ հեքիաթը այդ գեղեցիկ ու բացարձակ պատանութիւնները, որոնց մէջքին սուր ու ներքեւ երիվար, քսակին ոսկի ու գլխուն շուրջը խենթութիւններ կը դիզուին։ Անիկա, այդ ամենազօր պապային շուքովը շքաւոր էր տակաւին այսօր, երբ անոր փառքէն անուն մը միայն կը մնար փակած իր կարճ հասակին։ Բայց հարստութիւնը փոխ առնուած շուրջառ մը չէ միշտ։ Անիկա պատճառ է, որ քիչ­շատ խելք ունեցող տղաք օգտուին անոր ընձեռած բարիքներէն։ Այդ հանգամանքով հաճի Զաքէոսը ըրեր էր գեղին ուսումը, այսինքն՝ եօթն անգամ կարդացած Մատաթիա Գարագաշի եօթն անգամ անիծապարտ Դպրութիւն ը, որմէ կը դողայինք աւելի, քան այնքան իրաւ հոգէառէն։ Աւելի՝ Գործնական քերականութիւն ը, Խորէն Նար­Պէյի Կրթական ը։ Անիկա լուծած էր Եղիշէն եւ Յովհաննէս կաթողիկոսը։ Միհրան Աբիկեանի «Կիւլտէսթէ» ին երկու հատորները, համառօտն ու ընդարձակը ջուրի պէս գոց սորված։ Պօզաճեանի Թուաբանութի՜ւն ը։ Ասիկա կը սորվէին մեր գեղին տղաքը, մինչեւ իմ ժամանակս։ Ու ասիկա քիչ բան էր անշուշտ։ Հարուստները իրենց տղաքը երկու տարի ալ Պարտիզակ կը ղրկէին, ուր ամէն մարդ գիտէր, թէ Գրիգոր Մխալեան անուն մե՜նծ վարժապետ մը կը սորվեցնէր ազգային պատմութիւն եւ Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը, անշուշտ զգոյշ մեթոտներով։ Այս ուսումներէն ետքը շրջանաւարտը գիտնական էր ու կը խառնուէր գեղին գործերուն։ Շերամաբուծական վարժարանի մը բացումը այդ երիտասարդները շահագրգռեց ուրիշ ալ առաւելութիւններով։ Երկու տարի, տարիին ամէնէն անուշիկ շրջանին (շերամներու բուծումին շրջանն է ատիկա, մեր լեզուով՝ գարունը) Պրուսա ապրիլ մը, այսինքն՝ ուտել, խմել, Ջերմուկները քէֆ ընել։ Հարուստներու համար վկայականը երկրորդական էր։ Հաճի Զաքէոսը ապրեցա՜ւ, ինչպէս կ’ընեն [93] դրամ ուտողները իրենց հօրը վաստկածին։ Առաւ վկայականը փորձ իր լեզուին ու քիչ­շատ լուսամիտ գաղափարներուն շնորհիւ, որոնք այդ ատեն գեղերուն մէջ հազուադէպ էին չափազանց։ Հօրը մահը, որ երկարատեւ ու մեծածախս հիւանդութիւն մը կը փակէր, կործանեց, շուտով, անփորձ անոր ձեռքերուն յանձնուած տնտեսութիւնը։ Վտանգը, ինչպէս դիտուած է այնքան ուրիշ ընտանիքներու վրայ, եկաւ հօրեղբայրներէն, բոլորն ալ հարուստ ու վաշխառու աղաներ, որոնք տիրացան սահմանակից կալուածներուն, ոսկիին համար կէս ոսկի տոկոս գանձելով ու մոխիրի վրայ նստեցնելով իրենց «գիտնական», «ջանջան», «հաջան», «ինքնահաւան» էմմի-օղլու ն։ Պարտիզակն ու Գրիգոր Մխալեանի դասերը չէին կրցած փրկել վայելքի հունտը իր արիւնին մէջ «անդստին յորովայնէ մօր իւրոյ» հիւրընկալած ճպուռը։ Ու մնաց հացի կարօտ։ Գիտէ՞ք, թէ կէս երկվեցեակի հասած էին տղաքը։ Ու կնիկը, հարուստի աղջիկ, մէրանցը տունէն ամանով ապո՜ւր կը բերէր անոնց որկորին անյագուրդ ծակը փակելու։ Թշուառութիւնը սթափեցուց զինքը։ Աներոջը ձեռնտուութեամբը շահագործեց իր վկայականը, փաստէօռեան դրութեամբ հունտ (շերամի) պատրաստելով ու հանելով տարեկան իր ապրուստը։ Անկէ յետոյ տեսնելու էիք զինքը, պատնէշին վրայ, լեզուն փռապանի թիուն պէս ձգած դուրս, բոլոր անիրաւներուն, կեղեքիչներուն, վաշխառուներուն, հօրեղբայրներուն դէմ պաշտպանելով զրկուածը, որբը, այրին [94], պերճ ու արդար լեզուով մը ու, այս ճամբով, վաստկելով ընդարձակ ժողովրդականութիւն մը։ Իր բարիքներուն ի վարձատրութիւն --անիկա անվճար գրագիրն էր գեղին բոլոր միջակ մարդոց` խմբագրելով մուրհակները, նամակները, բաժինքի թուղթերը, բարձր իր թուրքերէնովը եւ հայերէնովը, որ Պարտիզակ կը հոտէր-- հասարակութիւնը զինքը պատուեց իր քուէովը։ Անիկա անխուսափելի ատենադպիրն էր ջոջերէ կազմուած թաղականութեանց։ Որովհետեւ կը խօսէր մաքուր, կը խօսէր Պարտիզակ, Մխալեան, կը խօսէր մա՛նաւանդ Թորգոմեան (շերամաբուծական վարժարանի հայ տնօրէնը), անիկա յաջորդաբար պատուըւեցաւ այդ անուններով։ Առանց դժգոհութեան կ’ընդունէր այդ պիտակները, որոնք սակայն ջնջուեցան ուրիշէ մը, գորփիւսգիւլ [95] ։ Այս վերջինը յամառեցաւ մանրուկ անոր հասակին ու փոքր մարմինին հետ ունեցած հանգիտութեան պատճառով։ Անտանելի անոր շատախօսութիւնը կը տանէր գեղացին, թաղական կամ ոչ, դժուար պահերու անոր ցոյց տուած պերճախօսութեանը համար։ Ու կը պտտէր անիկա գեղի գործերով գազա ները, դրացի գեղերը` հարթելով վէճերը համոզկեր շեշտովը իր տրամաբանութեան [96], ժողովրդական տրիբունի անվաճառելի ուղղադատութեամբը։ Գեղացիին պահանջովը անիկա ընկերացած էր սա պատուիրակութեան, որ Սողոմին տաճկընալուն խնդրովը կանչուած էր Պրուսա, ըստ աւանդութեան՝ վերջին փորձ մը ընելու, տղուն հոգին կորուստէ ազատելու համար։ Քահանայ մը, Սողոմին մայրը, աղա մը ու հաճի Զաքէոսը անդամներն էին ահա այդ պատուիրակութեան։

 

-- Թորգոմեանի՛ն տունը։

 

-- Չսկսինք նորէն։

 

Զինքը ընդմիջողն էր կառքին ներսէն հաստ ձայն մը։

 

Երկու շուն, բաւական ալ կոկիկ արտաքինով, քանի որ ստեւը փայլ ալ ունէր անոնց կռնակէն, աքասիայի մը բունին երկու քովերէն վերցուցին իրենց գլուխները, բացին կլափ, բայց ոչ թարթիչ, ու չկամ, կէս­բերան, արձակեցին դասական կաղկանձը, որ աւելի մռլտուք մըն էր, քան իսկական զայրոյթի արտայայտութիւն։ Անոնք չէին շարժած իրենց տեղէն։

 

Հայոց եկեղեցիի մեծ դուռէն չորս կանգուն վար այս երկու անասունները անշո՛ւշտ որ գրաւեցին ուշադրութիւնը ազգային շահերու մեծ պաշտպան հաճի Զաքէոսին, որ մտադրեց, այդ րոպէին իսկ, բողոքագիր մը խմբագրել, Գաւառական Երեսփոխանական ժողովին, «ի նկատառումն», սա անպատշաճ կացութիւնը դարմանելու համար օր առաջ։ Անիկա բացառիկ ատելութիւն ունէր այդ չորքոտանիէն, որ քաղաքին մէջ աւելի կ’արժէր, քան հայ մը։ Շունը Արեւելքի ոստաններուն մեծայա՛րգ անասունն է։ Դարերով կատարած է անոնց մէջ պաշտօն մը, զոր այսօր կ’ընեն թաղապետական աղբակառքերը։ Այդ օրերուն անշուշտ հաստատուած էին այդ կառքերը, բայց կը սպասարկէին մեծ պողոտաներու վրայ։ Խճող ու մութ թաղերու մէջ, շուներու կատարեալ իշխանութիւն մը մաքրութեան գործը առած էր իր ատամներուն ու կը վայելէր կատարեալ ազատութիւն։ Զանոնք անհանգիստ ընողները կ’արժանանային խիստ ծեծի, երբեմն ամիսներով բանտի։

 

Հայոց եկեղեցիի մուտքին, դռնապան Տիւման օղլու Գասպար աղային ահին, բռնութեան, համբաւին հակառակ, որոնք թուրք լակոտները բաւ էին հեռու պահելէ այդ շրջանակէն, այդ երկու շուները կը վայելէին բարձր պաշտպանութիւնը դպրոցին պատկից ապարանքի մը  --փաշաներու բնակարանը որքան ալ ծաւալով համեստ, այս պիտակով կ’որակուէր այդ շրջանին–, ուր, կաթուածահար փաշա մը, հայերը նախատելու այս ինքնատիպ եղանակն էր հաստատեր, փողոցի երկու շուն վարժեցնելով, աքասիայի շուքին ամանով հոտած կերակուր տրամադրելով այդ բախտաւոր անասուններուն, որոնք, ուռած փորով, առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը քնանային, կառքերու աղմուկն անգամ անարժան նկատելով իրենց բարձր ուշադրութեան։ Հայոց առաջնորդը, իր պատուական քարտուղարին խողովակովը, անպաշտօն բողոք էր ներկայացուցած ոստիկանութեան, այդ անտեղութեան մասին, ստացած՝ որոշումը անասուններու վտարման, բայց հարկադրուած՝ հանդուրժել անոնց ներկայութիւնը, աւելի բարձր հրամանի մը վրայ։ Կաթուածահար փաշան Պոլսոյ ոստիկանական նախարարութենէն    --այն ատեն տիրական իշխանութիւն-- որոշում էր բերած շուներու հանգիստը անվրդով պահելու։ «Նորին վեհափառութեան» երկիրներուն մէջ ոչ մէկ անասուն անհանգիստ չէր կրնար ըլլալ երրորդի մը քմահաճոյքովը։ Արդարութիւնը այնքան յորդ էր, որ շուներն անգամ կ’առնէր իր ակօսին մէջ։

 

Հակառակ կառքին դադարին, եկեղեցիին դուռը մնաց անայլայլ։ Քաղաքին մեծ յիշատակարաններէն մէկը կարելի էր նկատել այդ դուռը, որուն հսկայական, եօթը կանգուն հասակով փեղկերը հնօրեայ պատկառանք մը տակաւին կը յամառէին արձանացնել փողոցներուն վերեւ, երբ այդ ամէնը ոտքի հանող ժողովուրդը, Ջարդերէն յետոյ, ստիպուեր էր նահանջել ամէն գետնի վրայ, ամփոփուիլ իր պատեանին մէջ։

 

Լուր օրերուն դուռը կը մնար փակ, ելեւմուտք կը կատարուէր մէկ փեղկին փորուած փոքր անցքէ մը. իբր կառոյց, անիկա, երկաթեղէն իր ամրութեամբը կարելի էր նկատել խորհրդանիշ մը մեր հասարակութեան երբեմնի ուժին, երբ Թանզիմաթ էն ետքը, քիչ­շատ տանելի օրէնքներ ասպարէզ էին բացած մեր ժողովուրդի ձեռներէց ոգիին, ու պատրաստեր՝ առեւտրականներու, կալուածատէրերու, աւագ պաշտօնակալներու պերճ փաղանգ մը, ա՛ն՝ որ Պոլսոյ մէջ մեր տնտեսական եւ իմացական զարթօնքը ըրաւ ու գաւառներու մէջ, աւելի համեստ պայմանով, մեր կրթական ու կրօնական հաստատութիւնները կազմակերպեց ու մեր բնակարաններն ու զգեստները բարեկարգեց թուրքերէն այնքան ալ առաջ։ Պրուսայի մէջ, ուր Թուրքիոյ միակ ճարտարարուեստը (մետաքսի գործը) բարգաւաճ պայմաններով կը զարգանար հայերու ափին, մեծահարուստ աղաներուն ու էֆէնտիներուն, ինչպէս նաեւ նոյնքան ու աւելի մեծազօր եպիսկոպոսներուն պարգեւն էին եկեղեցին, կից դպրոցը, ասոնք շրջանակող մեծ պարիսպը ու սա գեղեցիկ դուռը, քսաներորդ դարու սկիզբին։ Ու հակառակ կոտորածին, ասոր արդիւնք՝ մեր ընկրկումին, մեծերու անհետացումին, դեռ երկաթն ու քարը կը յամառէին պատմել բարիքներէն այն մարդոց, որոնք հեռագիրով մը, առանց իրենց վաճառատունէն Պոլիս իջնալ իսկ ստիպուելու, կուսակալներ կ’ընէին պաշտօնանկ։ Այսպէս, սա երկաթ դուռը յաղթանակի տուրք մըն էր (կուսակալ մը վտարած էր) ժամուն, երկաթի հանրահռչակ վաճառականէ մը, որ, ազգին դարաւոր մէկ կալուածը էֆգաֆ ին ճիրաններէն ազատելու համար, դատի տակ էր ձգած օրուան կառավարութիւնը, տակառով ոսկի վատնած ու հասած էր իր նպատակին։ Այս գիծի աղաներ ատեն մը ունէին գոյութիւն ամէն քաղաքի մէջ։

 

Շուներուն կաղկանձէն բաւական մը ետք, գլուխ մը երեւցաւ երկաթ փորուածքի ճեղքէն։

 

Կառքը, այսինքն՝ անոր ձեւը (ամէն գիւղ իր ոճն ունէր այդ կառքերուն շինութեան մէջ), կառապանը, այսինքն՝ անոր տարազը (ամէն գիւղ իր ոճը ունէր իր զգեստներուն նիւթին ու կարուածքին համար), պատճառնե՞ր էին, որպէսզի այդ գլուխը անցնէր փոքր բացուածքը եւ առաջանար դէպի մայթը։

 

Հսկայ հասակով մարդ մըն էր ասիկա, հայոց եկեղեցիին պատուակալ դռնապանը (իր օգնականը պիտի բանար դուռը), ձեռքին պաշտօնական ճոկանը, գլուխը արծաթ ու ծայրը երկաթ։ Տարազով գեղացի, այսինքն՝ սանկ քիչիկ մը երկայն շալվար, խաս չուխայէ։ Անհուն անոր գօտին, որով կը զատուէին Ս. գիւղին տղաքը շրջանին միւս գիւղերուն աւելի զապուն [97] մէջքերէն։ Որ երբեմն, տօնական առիթով, կը փոխուէր գունագեղ ու նկարահիւս մետաքսէ [98] շալին, պարսկական թէ հնդկական, ա՛լ ատիկա ձգուած էր կրողին գութին, եւ կը զարդարէր անոր պերճ մէջքը արեւելեան շքեղութեամբ։ Այդ օրերուն անիկա անմատչելի էր՝ փոքր իշխանի մը նման: [99] Ինքնատիպ, սրտոտ, ազգասէր, կրակէն ու սուրէն աչք չթարթող, այդ մարդը վախցուցեր էր քաղաքին աժան բռնաւորները, որոնք հայոց թաղերուն մէջ խօսք կը նետէին, յարձակում կը գործէին, բայց դանակի առջեւ մուկի պէս ծակէ ծակ կը մտնէին։ Ու իր քաջագործութիւնները տարածուած էին բաւական, որպէսզի այդ բռնակալ էֆէները անոր տարազն իսկ հեռուէն զատէին ու քաշուէին փողոցներէն։ Անիկա մերժած էր քաղքենի տաբատը, պաշտօնական կոճակներով համազգեստը, որով բարապանները, ժամկոչները պետական հով մը կը ստանային։ Առաջնորդներն ու աղաները իմաստուն էին գտած անոր փաստերը ու ձգած զայն իր համբաւին պատմուճանով։ Երեսունէ աւելի տարիներ անիկա կը պահէր իր պաշտօնը։

 

Ճանչցաւ ապահովաբար կառքին պարունակութիւնը   --Սողոմին խնդիրը իր ամէնէն հրատապ փուլին մէջն էր մտեր ան շաբթու եւ պատուիրակութեան ժամանումը օրուան հարց–, իջաւ մայթէն դէպի փողոց ու կէս մը թոռմած, լերկ այտերը խոշոր իր մատներով խարտելով, թթու, անտրամադիր, հարցուց.

 

-- Ո՞վ էք։

 

Ու առանց սպասելու.

 

-- Ո՞վ կ’ուզէք։

 

Բարկացող, խիստ այդ շեշտը, քաջածանօթ՝ գեղացիներուն, որոնք հեքիաթի մը պէս կը պատմէին անոր փառքին [100] օրը՝ ու այդ անցեալը տրտմութեամբ կը մօտեցնէին սա ծերութեան ամօթին։ Որքան բան փոխուած էր աշխարհէն, սա քառորդ դարու ընթացքին։ Ու Տիւմանենց սրտոտ, հերոս Գասպարէն ի՜նչ էր մնացած սա ժամու դրան։ Անոր ճոկա՜նը, որ բեռ էր ա՛լ, քանի որ փոկով անցած էր դաստակին։ Ու անոր ակռաները, որոնք թափած էին (դուք պիտի հասկնաք փոխաբերեալ իմաստով), բայց դեռ կը յամառէին երես չտալ աղքատներուն, գինովներուն, գեղացիներուն։ Անշուշտ, երկրացիներուն զլացուած սա երեսը անիկա դնելու էր քաղքի աղաներու ոտքին, ինչպէս կը տրամաբանէր նախնական խելքը գեղին, որ չէր հանդուրժեր ու հասկնար սա մարդատեցութիւնը համբաւով, հուժկու, բարի երիտասարդէն, երբ անիկա քաղաք չէր իջած տակաւին։

 

-- Առաջնո՛րդը։

 

Կառապանին մօտ նստած հաճի Զաքէոսէն սա պատասխանը կ’երեւի հաճոյ չթուեցաւ դռնապանին, որ, ճոկանը բախելով մեծկակ սալին, աւելցուց, բիրտ ու անարգող.

 

-- Պապայիդ տղա՞ն է առաջնորդը։

 

Ու չափեց կարճուկ անոր իրանը պռկունքով ու յօնքով։

 

Յետոյ՝

 

-- Ըսէ՝ առաջնորդ հայր սուրբը։

 

Ասիկա ո՛չ անշուշտ առաջնորդին անձին [101] յարգանքի դիրքի [102] մը համար։ Այլ՝ հպատակելով իր իսկ խառնուածքին, որ կռուի պահանջ մըն էր, տարիներով չմարած, ու դեռ բաւական հզօր, ու կայտա՛ռ՝ ծերութեան մէջ ալ։

 

Հաստատ, բիրտ, դաժան դիմագիծով։

 

Տրիբունը լռեց։ Երբեք վախէն զիջումով [103] մը    --անիկա գրողէն չէր վախնար–, այլ գետին իջնելէ վերջ, տեղնուտեղը ջախջախելու համար անոպայ դռնապանը, որ այնքան լպիրշ յանդգնութեամբ կ’ընդունէր ժողովուրդին ներկայացուցիչները։ Ի զուր չէ, որ անիկա կարդացած է Ֆրանսական Յեղափոխութեան պատմութիւնը, ձեռագիր տետրակէ մը, որ գործն ըլլալու էր մեծ վարժապետին։

 

Նոյն ատեն, կառքին քովնտի դռնակէն ոտք մը իջաւ դէպի երկաթ ասպանդակը։ Շալվարը անկարող էր պարտկելու անոր անհեթեթ հաստութիւնը։ Կառքը թեթեւ մը հակեցաւ ոտքին կողմը։ Յետոյ՝ օդին մէջ շրջան ըրաւ երկրորդ ոտքը` երեւան բերելով ահագին յետոյք մը, զոր շալվարը կ’ընդարձակէր դռնակէն յորդող, պոռթկացող առատութեամբ մը։ Աւելի յետոյ, կռնակ մը, որ պարտաւորուեցաւ կողի վերածուիլ` ազատելու համար ինքզինքը նեղ, քառակուսի դռնակ-բանտէն։ Կառքին խուլ հեծկլտուքին կ’ընկերանային ուրիշ այլ հեծքեր, պակսող շունչի կտորներ, շռնդիւնն ալ, խեղդուկն ալ։ Այս կարգի գէրերուն համար այս փակ կառքերը իսկական տանջանք մը կը կազմէին։ Հայհոյութիւն, ձիերու խրտչումը, շուներուն վերազարթումը, կառապանին օգնութեան փութալը ստեղծեցին փոքր իրարանցումը, որուն խոժոռ ու լուռ հանդիսատես Տիւման օղլու Գասպարը կը հետեւէր պաղած աչքերով։

 

Իջաւ մէկը։

 

Ու այդ մէկը Ս. գիւղին թաղականութեան ատենապետ, հարիւրնոց Գրիգոր աղա Պալճեանը, որ ձմեռը, որսի եղանակին ուրիշներէ զարնուած խոզերը մէկ կտոր փուռը կու տար ու անոնց եղը կը խմէր անարատ գինիով, իր հարիւրին վրայ տասնհինգէն-քսան մը նոր օխա բարդելով։ Այն ատեն անոր երրորդ կզակին վրայ կ՚ուրուանար աղեղը չորրորդի մըն ալ։

 

Մարդկեղէն սա տակառին [104] տպաւորիչ բարեւը, անկէ վերջ անաղմուկ, հովի պէս իջնող քահանան, յստակ՝ բայց խեղճուկ իր ողջոյնովը, ամէնէն վերջ Սողոմենց կնիկին մաշած դէմքը, զգեստին ու արտայայտութեան խոր թշուառութեամբը անկարող եղան դռնապանին երեսէն փարատելու վսեմ անոր դժգոհութիւնը, որ ապահովաբար զգուշութեան հրաւիրեց յարձակման պատրաստուող հաճի տրիբունը։ Անիկա չէր ախորժեր այդ թիփերէն, վասնզի ճաշակած էր փայտի զգաստացուցիչ զօրութիւնը։ Գեղը, սանկ ու նանկ, կռիւը կրնար ընդհանրանալ, ազգականներու միջամխումով։ Հո՞ս։ Ու խոհեմութիւնը ունեցաւ չգրգռելու «վայրենին», որ հաստ իր մատներովը կը շարունակէր շոյել իր միսերուն թոռմած շերտերը ու չխօսիլ։

 

Գասպար աղա Տիւմանեանը, անշուշտ աղա ըլլալէն շատ առաջ, Տիւմանենց գուլէ [105] Գասպարն էր, որ կ’ատէր իր գեղը, անկէ իր մէջ մթերուած՝ հեռու, բաց ձգուած յիշատակներուն ամօթովը։ Զուր [106] չէ ըսել, թէ մարդու կեանքը ողբերգութիւն մըն է, մեծ կամ պզտիկ վարագոյրներով։ Նոյնքան մը բան, կեանքը գուլէ Գասպարին, որուն կինը խղդուած գտան, երեսուն տարի առաջ, էրկանը բացակայութեանը, ծխախոտի մաքսանենգութեամբ վեց օրով հեռու տեղ մը։ Որ թաղուեցաւ էրկանը ժամանումէն առաջ, կեսուրին պնդումովը ու ոչ ոք գիտցաւ ինչո՞ւն։ Կախո՞ղը։ Փսփսուք ու բամբասանք։ Մաքսանենգներուն կիները ենթակայ էին այս աղէտներուն…։ Հիմա վաթսունէն վեր, աշխարհին «մեծ չուանները կտրտելէն ետքը», դռնապանի մը ճոկանը հեգնութեան մը պէս սալին զարնող Գասպարը անփոփոխ իմաստուն մըն էր, դառն վաստակուած իմաստութեամբ մը։ Քաղաքը զինքը յարդարած էր անշուշտ, բայց անխախտ պահած հիմնագիծերը անոր նկարագրին։ Ու տարիներու տափանը անոր բրտութիւններուն վրայէն շատ փուշ էր վերցուցած։ «Երկրացին» (որ վերյիշում մըն էր միշտ) իր խայտաբղէտ ու անտանելի տարազովը  --չէր մեղադրուեր [107] իր շալվարը, թերեւս չուխային ազնուական տեսակին համար–, «դդում» գլուխովը  --անուշիկ վերադիր, ամէնէն անմեղը՝ քաղքըցիներուն կապարճէն դէպի գեղացիները–, մա՛նաւանդ փայտ կոտրող, անտաշ իր լեզուովը, նիւթ կը հայթայթէր, Գասպար աղայի «կռնակէն», «ներսէն» հեգնութեան։ Ժամկոչութիւնը ասպարէզ մըն էր՝ որքան քահանայութիւնը։ Ու ժամը՝ մթնոլորտ մը, արհեստանոց մը։ Որոնք իրենց օրէնքները ու մասնայատուկ բարքերը ունին։ Անգործ մարդոց զբաղումն է ուրիշները քաշքշելը։ Ու Պրուսայի ժամուն քահանաները (բոլորն ալ հանած-վարած, կատարելագործեալ շուկացիներ, փիլոն կրելէ առաջ ոսկերիչ, մուշտակագործ, խանութպան, երաժիշտ, որոնք շապիկ հագնելու համար Կիրակի չէին փախցներ, այս ճամբով հասնելու համար տէրտէրութեան ապահով նաւահանգիստը) եւ ոսկեգոյն ու աստեղանիշ կոճակով ժամկոչները, ծագումով գեղացի, բայց տաշուած բաւական, քաղքենի դարձած, երեսին տալու չափ ահազդու Գասպար աղային ապանոզ (եբենոս) գեղացիութիւնը ու, մա՛նաւանդ՝ բանկալին մեծփոր, մեծիմաստ, մեծաձեռն աղաները, -- բոլորն ալ կը սիրէին քաշքշել գեղացի արարածին կոշտութիւնը, անոր [108] անտաշ ձեւերը բառ ու շարժումով կապկելու աստիճան, գրգռելու համար արջութիւնը բարբարոս դռնապանին, որ մռլտալէն, լեզուին տալէն, «ձեռքէն փորձանք մը» խնայելու համար խոյս կու տար դագաղներուն նկուղը ու վրայէ վրայ կը գլորէր եօթը սիկար, բաւարար միջոց՝ զայրոյթին թաթառը փարատելու։ Անիկա ոտքն էր կոտրած ժամկոչի մը։ Ուրիշի մը թեւը խախտած։

 

Տիւմանենց Գասպարին դժգոհութիւնը արձագանգեց նաեւ երեւելի ատենապետին, որուն դէմ իր գեղին ժամկոչը ջուխտ, «չափրաստ» բարեւի կը կենար, ոտքին ձայնը հարիւր քայլ հեռուէն ճանչնալով։ Նիղսիրտ, արհամարհոտ, գլուխ ճօճելէն անցաւ դէպի դուռը, մինչ շուները, ահաբեկ անոր անհեթեթ զանգուածէն՝ ուժով-ուժով հաջել առեր էին։

 

-- Ո՞ւր, - մէջ ինկաւ դռնապանը` ճոկանը ամուր զարնելով սալի մը։

 

Կ’ընէր այսպէս շուներ լռեցնելու, ինչպէս նաեւ ձեռքը, այսինքն՝ դիզուած բարկութիւնը պարպելու։

 

-- Քու պարտականութիւնդ դուռը բանալն է միայն, ոչ թէ այսպէս, բրտօրէն, անոպայ ձեւերով մեծապատիւ հիւրեր հարցաքննել։ «Կօշկակարն ցկօշիկսն եւ նմին նմանութեամբ՝ դռնապանն ցդուռն»։

 

Հ. Ա. Կ. Բագրատունիի «Զարգացելոց» ը իր նիւթական նեղութեան հակառակ չծախած մարդու մը բերնէն սա գրաբար ասութիւնը պէտք չէ զարմացնէ ձեզ։ Կարճ իր հասակը վեր-վեր ընելով՝ անիկա բերնին չափը ձեռնարկեր էր տալու սա «եպերելի» արարածին, որուն դէմ իր հեռը [109] սկիզբ կ’առնէր շերամաբուծական վարժարանի ուսանողութեան շրջանին, երբ «քէօռ-գինով» ձողէ կախ լապտերին նման աջ ու ձախ բարտելէն, խաղ կանչելէն կ’իջնէր զառիվարը, ժամուն պարիսպն անգամ չյարգելով, չյարգելով մա՛նաւանդ մեծահամբաւ դռնապանը, որ քառորդ դար առաջ գործի էր անցեր գինովները զգաստացնող իր ծեծին շնորհիւ։ Հայոց եկեղեցիին հին առաջնորդները իրաւասու էին իրենց հասարակութեան անուղղայ, գայթակղեցուցիչ գինովները զսպելու, բանտարկելով զանոնք դագաղտունին տակի զնտանը` ծեծելով «զորս դու պատուիրեցեր», ու այդ պաշտօնին համար կը փնտռէին հուժկու, լերան կտոր, փորձ «անցեալով» երիտասարդներ, որոնք, առաջնորդարանին պղնձակոթ ու երկաթասայր [110] ճոկանը հեղինակօրէն տուած իրենց անութին, հին օրերու ենիչէրիներու նման, կը մտնէին գինետունները, ցուցամատի կոր շարժումով մը, հեռուէն կը հանէին դուրս ինքնակորոյս խմանը, կը նետէին քար կամ աղբ կրող կառք մը ու շիտակ կ’իջեցնէին ժամուն քարայրը, ջրհանին ներքեւ, ուր երեք օրուան պարզ ջուրէն ետքը ծակամուտը կը ճաշակէր փառաւոր ճոկանէն բաւարար թիւով, յիսունէն չիյնալու պայմանով։ Անշուշտ այդ «օրերը իրկուն էին եղած», ինչպէս անցեր էր փառքը մեծազօր աղաներուն, որոնք հեռագիրին գլուխը կ’անցնէին [111] ու լեզու ունէին խօսելու կայսեր հետ։ Քսաներորդ դարու սկիզբին բարքերը փոխուած էին մեծ չափով։ Գինովները ոստիկանական հետապնդումով կը հալածուէին եւ, ջրհաններու սենեակին տակ զնտանը խցուած՝ անպէտ, կոտրտուած առարկաներով։ Ու առաջնորդ սրբազանները հիմա, Վանքին սրահներուն մէջ, ժպտադէմ, քիչիկ մըն ալ հոտոտ, դուք աւելցուցէք՝ բրնձափոշուած, աւելի կարեւոր գործեր ունէին, քան հանդիսատես ըլլալ գինովներու ծեծին։ Հիմա անոնք բարձր դիւանագիտութիւն կը վարէին (ինչպէս կը պարծենար Չամիչեան սրբազանը, ճնշելով առեւտրականները, որոնք իր կամայականութիւնները չէին հանդուրժեր ու կասկածելի ներկայացնելով անոնց յարաբերութիւնները օտար մարմիններու հետ) կամ Արշարունի հայր սուրբին պէս, Լա Ֆոնթէն կը կարդային ազնուամեծար, համեստափայլ տիկիններու, վսեմաշուք փաստաբանները, Գաւառականի ճկունցած աղաները ձգելով, որ վարեն ազգին յարաբերական խնդիրները, կամ՝ շրջող տէրվիշներուն երաժշտութիւնը կը փառաբանէր արեւելագէտներու «ի վայելումն»։ Գինովներու պատուհասո՞ւմը։ Օ՜, ոչ։ Ամենեւի՛ն։

 

Զայրացած դռնապանին ընդդիմութիւնը դուրս հանեց փոքր բացուածքէն գլուխ մը, սեւ իրանի մը վերեւ, տպաւորիչ իր ճեփ-ճերմակ կէսովը։ Մազ ու մօրուք խոր հակապատկեր կը կազմէին դէմքին խիստ, խորշոմահար թխութեանը մէջ։

 

Քահանան, որուն կը պատկանէր այդ գլուխը, դուրսն էր արդէն։ Տարիքին հակառակ անոր շարժումները ունէին արագութիւն, շնորհ, կենդանութիւն։ Ու նշանաւոր էր անիկա, խորշոմած իր դէմքին հանած իմաստութեամբը։ Թեւերը ողջունած, տարածած.

 

-- Օ՜, բարի առաքեցաք, Գրիգոր աղա, բարի առաքեցաք։

 

Ու տուաւ ձեռքը ատենապետին։ Անոր աչքերը կը կայծկլտային դիւանագէտ ու խուզարկու։

 

Զգա՞ց իր սխալը, որպէսզի քաշէր այդ ձեռքը՝ երկարելու համար գեղջուկ տէրտէրին։

 

-- Օրհնեա ի տէր, սիրելի տէր-եղբայր…

 

Գեղացի լոլոզելու քաջավարժ անոր լեզուն  --տէր Մեսրոպ արարողապետ քահանան Ուզուն չարչըի պատմական մեծ շուկային մէջ մեծահռչակ մուշտակագործ մըն էր ու թեմին բոլոր հայ գեղերը յականէ յանուանէ կը ճանչնար, «Ս. եկեղեցւոյ պաշտօնեայ» ընծայուելէ առաջ--    բնածին տաղանդը ունէր բառերը մեղր ու շաքար ընելու։ Անոր այդ լեզուն առաջնորդած էր զինքը այժմու նախանձելի դիրքին, որ զինքը կ’ընծայէր ամէնէն կարեւոր անդամը «քահանայից դասուն»։ Դուք բաւական կը հասկնաք այս տարազին տարողութիւնը, հոյակապ շուկացիներու փաղանգ, որ իր առաքինութիւնները փոխադրած էր ժամ եւ անդադար կը դաւէր ինքը իրեն։

 

Տէր Մեսրոպը, «տէր-եղբայրին» ուղղուած ողջոյնին հետ, բերնին ո՛ր մասովը, ատեն էր ձգած [112] նաեւ ողջունելու հաճի Զաքէոսը, զոր կը ճանչնար հօրը տունէն    -ո՛րը չէր ճանչնար արդէն–, առաջնորդարան այցելութեանց պահուն, իջեւանած ըլլալով զօրաւոր աղային տունը    --մեծ անձրեւի մը հետեւանքով առժամաբար անբնակելի էր գեղին առաջնորդարանը--   ու օրհնած էր անոր դանդաղ, չաճող հասակը, յիշելով Աւետարանին դրուագը, ու փառաբանելով եռանդը [113] Յիսուսը տեսնել փութացող պատմական թզուկին [114] ։ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսը մեր բարիքները մեզմէ աւելի իմաստութեամբ գիտէր տնօրինել։ Ու կու տար իւրաքանչիւրին «ըստ պիտոյից իւրոց» ։ Անոր խօսակցութիւնը ընդհանրապէս թուրքերէն, այս կարգի գրաբար ասութիւններով կ’ուռճանար, արդիւնք իր զօրաւոր յիշողութեան, դէմքի ու ձայնի։ «Խելքն էր կարեւորը, այն ատեն ալ՝ ինչպէս հիմա» ։ Այսպէս էր մխիթարած, հին օրերուն, տէր Մեսրոպ քահանան Յովհաննէս աղային երանելի խաթունը, որ տրտում էր իր տղուն կարճ հասակովը ու չէր խաբուած, քանի որ հասակին տեղ խելքն էր, որ կը գործէր ահա ատենադպիր էֆէնտիին մէջ։

 

-- Եղիազար, դո՛ւռը։

 

Գիւղական պատուիրակութիւն մը արժանի էր այդ մեծարանքին։ Իր հրամանին հետ՝ անիկա ձեռքը երկարած էր պարեգօտին լայն գրպանը, հանելու համար անխուսափելի տուփը քթախոտին, զգուշանալով նայելէ Գասպար աղային, որ ազատ էր ուզածին չափ զայրանալու, հերիք է, որ արարողապետին ներկայութեան փայտ չկոտրէր։

 

Քթախոտը՝ ինչպէս «երեսպաշտութիւնը» տէր Մեսրոպին ճշմարիտ մոլութիւնները կը կազմէին։ Այդ պաշտամունքը սրճագոյն փոշիին անիկա ունէր իր՝ որքան ուրիշներու հաշւոյն։ Օրը առնուազն անգամ մը կը պարպէր անիկա սատափդրուագ տփիկին պարունակութիւնը, միշտ հրամցնելով։ Իր խուց ին [115] մէջ, մասնաւոր դարան մը յատկացուած էր խոտին օծումին, բոյսերու որակումին, չորացումին, փոշիացումին, մաղումին։ Քունէ քիչ մարդ, մինչեւ խոր գիշեր՝ անիկա անձանձիր կ’աշխատէր անոր պատրաստութեան։ Հաճո՞յքը։ Անշո՛ւշտ։ «Զռացնել անվարժները»՝ ինչպէս կը չարափոխէին տէր-եղբայրները, չարախինդ հեգնութեամբ, երբ անիկա սաստ կ’ընդունէր առաջնորդներէն, բայց չէր խրատուեր։ Բացի պատարագէն, միւս բոլոր արարողութիւնները կարող չէին սանձելու անոր ախորժակը սրճագոյն փոշիէն։ Կամացուկ պիտի սպրդէր պահարանէն ու մէկ-երկու պտղունց պիտի նետէր ռունգերուն, որոնք անզգայ դարձեր էին կէս դարու մօտ վարժութեամբ մը։ Անիկա չափազանց դիւրազգած էր ամէն մերժումի հանդէպ։ Ու իրեն հետ հեղ մը խօսք փոխանակած ամէն մարդ, վարժ թէ անվարժ, պիտի ընդունէր փաղաքուշ հրաւէրը՝ իր քիթը փետտելը աչքին առնելով։

 

«Հաղորդուեցան» բոլորն ալ, նոյնիսկ կառապանը։ Դռնապանին տուփը երկարած պահուն, թեթեւ ու սրամիտ, ուղղեց քանի մը հարցում, որոնք մնացին անպատասխան։ «Երկրացիները», անշուշտ, «բարի եկած էին»։ Քահանային բարբառով, այս նախադասութիւնը հոմանիշ էր առնուազն կալոն մը ձէթի, սակառ մը չորեղէնի կամ հինգ օխանոց թիթեղտուփ ըստ թերթիպ ի (տաճկըցած սա գրաբա՜րը) [116] պատրաստուած ձիթապտուղի։

 

Դուռը դանդաղ, բայց անճռինչ կը դառնար ծխնիներուն վրայ։ Եղիազարէն հետք չկար։

 

-- Մա՞յրն է, - հարցուց տէր Մեսրոպը, քիթովը չափելով մաշած կնիկութենէ ա՛լ դուրս Սողոմենց կինը, որ քաջաբար մերժեր էր «տէրտէրին տուփը»։

 

-- Այո՛, - հազիւ ատեն գտան գեղացիները, որոնց քիթը ելած էր «մեծաղաղակ» գործունէութեան եւ կը վազէր աղբիւրի պէս։

 

-- Կը սպասէինք արդէն։

 

-- Յոյս կա՞յ, - բղաւեց հաճի Զաքէոսը, գլուխը ծռած դէպի վեր, մինչ թաշկինակը կը զսպէր թուքը իր բերանէն։

 

-- Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս միայն գիտէ։

 

Որ համազօր էր, քարտուղարին թափանցումով, անվերադարձ կորուստին։

 

Հակառակ այս վճիռին, խումբը մտաւ կիսովի զուարթ, հսկայ այդ դուռէն։ Պալճեան Գրիգոր աղան փրկած էր գեղին պատիւը, Պրուսայու ժամուն երկաթ դուռը բացուելու հարկադրելով։ Փողոցին մէջ դադրած էին շուները։ Կառապանը կառքը հեռացուցած էր ներսի թաղերէն մէկը։ Տիւմանենց Գասպարը, այտին շերտերը շոյելէն, կը նայէր զառիթափն ի վեր, ու ծառերու համաչափ հասակները հետզհետէ կը պզտիկնային։ Ու դէմէն, աղջկանց վարժարանի դուռին, տնտեսուհիին աւելը, հակառակ իր ազդարարութեան կը շարունակէր փոշի հանել` պղտորելով վճիտ ամայութիւնը այդ շրջանին։

 

Ժամկոչներ, չափրաստ բարեւի, թիւով չորս։ Որոնց պաշտօնական աստեղանիշ համազգեստը արժէքի հանեց իրենց բարեւը, յունական [117] լրջութեամբ, ձեռքերը ճակտին, ֆէսին եզերքին։

 

Թաղականութեան ատենապետը ընդունեց յարգանքի այս ցոյցը, վայել շեշտումովը իր փորին, որ կռնակին իր ընկրկումովը, ելաւ տոպրակի իր թուլութենէն ու տպաւորիչ, հաստկեկ պատ մը, պատուանդան մը եղաւ անոր հուժկու իրանին։ Վարէն, ուր կը ցածնար վարժարանին (մանչոց) առաջաբակը [118], ճփիկ [119] տնտեսը, հակառակ քսան քայլ հեռու ըլլալուն, նետուեր էր ոտքի, իր կարգին, բարեւ սպասող իր դիրքին մէջ այլապէս ծիծաղելի, քանի որ անոր աչքերը տասը քայլ անդին չէին տեսներ, բայց ականջները հարիւր քայլ հեռուէն տաղանդը ունէին զանազանելու ոտքերուն, կօշիկներուն արժանիքը, երաժշտական ճղրտուքը եւ կոշտ պատկերը, մարդոց երեւումէն շատ-շատ առաջ։

 

Անոնց առջեւն էր Պրուսայու ժամուն գեղերը հռչակ ունեցող պատշգամը։ Որ ժամու ամբողջ հասակը կ’առնէր, աւելնալով դառնալու համար անոր արեւմտեան երեսին ալ։ Դարատափին կողը կազմող այդ հողլիցքը, ինչպէս մեծակառոյց վարժարանը գործն էին մեծագործ եպիսկոպոսի մը, որ յետոյ հայրապետական գահին ալ վրայ ցոյց պիտի տար նոյնքան շինարար տաղանդ։ Դուռնէն մտնող ամէն օտարական կը տպաւորուէր այդ պատշգամին օդային պարտէզովը, որ անոր ձորահայեաց եզերքին էր հանուած: [120] Հսկայական մեռելքարեր գոյացուցած էին մէկ-երկու մեթր լայնքով անընդմէջ գիծ մը, որուն վրայ քով քովի, մեծփոր թաղարներ «բնակարան» կը հայթայթէին զանազան տունկերու, ծաղիկներու, «խոտերու», ինչպէս կ’ախորժէին հեգնօրէն յորջորջել գեղացիները, այդ ազազուն, սուտ ծղօտիկներուն վրայ [121] դողացող տերեւները, անարժան՝ իրենց էշերու բերանին՝ ո՛ւր մնաց սա թախտերուն [122] ։ Կիրթ ճաշակ մը կը միջամտէր, որպէսզի կանանչի ու ճիւղի այդ գիծը ներդաշնակուէր ներկուած ու կոկ վանդակին, որուն կռթնած էին թաղար ու ծաղիկ։ Դեկտեմբերի կէսն անցած ըլլալուն հակառակ, թաղարներէն ոմանք կը պահէին տակաւին առոյգ կանանչ մը, ուրիշներ՝ ուշացող ծաղիկներ, որոնք կիսագաղջ օդին մէջ բացուեր էին, օրօրուն եւ յիմար։ Հաճի Զաքէոսը գիտէր, թէ այդ օդային պարտէզին պահպանումին համար ազգին սնտուկէն մասնաւոր մարդ մը ամսական կ’առնէր, երկու դռնապանէն, չորս ժամկոչէն, մէկ աւելածուէն զատ, երբ իրենց գեղին նոյնքան մեծ եկեղեցին այդ մարդերուն դէմ շատ-շատ կաղ ժամկոչ մը միայն կը պահէր, ան ալ կէս-վճար, ծնողին ու մեռնողին հաշւոյն ստացած հացը հատուցանել անգամ չկրնալով։ Ժամ բանալ-գոցելէն, զանգակ ու կոչնակ ծեծելէն զատ ի՞նչ էր գործը սա մարդոց։ Ու տակաւին գիտէր, թէ այդ մարդոց ամսականին մէջ մաս ունէին նաեւ իրենց քսակները, քանի որ մուգատա ն [123] պետական հարկին հետ կը հաւաքուէր գեղերէն։ Անոր ատելութի՜ւնը այդ «խոտի» տուրքին դէմ, գեղի սրճարաններուն մէջ, երբ կը խօսէր աղաներուն մսխումներէն, առաջնորդարանին նախարարական բարքերէն, քահանաներէն, ժամկոչներէն, պարտիզպաններէն, բոլորն ալ «հոյակապ» ագռաւներ, թառ եկած այս խեղճ ազգին դիակին ու կրծելով անդադար։ Ու խորհրդաւոր թարթումով կը հասկցուէին անոնք միւս Գրիգորին հետ, ան ալ Պարտիզակ ըրած, [124]  Մխալեանէն ընդհանուր պատմութիւն սորված եւ Ֆրանսական Յեղափոխութեան մեծ դասերը ոգեկոչած պահուն, զարնելով ձեռքերը թղթախաղի սեղաններուն ու պոռալով՝

 

-- Անկցի՛ն ագռաւները…

 

Պատուիրակութիւնը անցաւ բանկալին առջեւէն. փայտեայ տաղաւար, որուն ապակեղէն մասը ութանիստ ձեւ մըն էր, իւրաքանչիւր երեսին շարժական պատուհաններով, դրամ առնելու եւ մոմ տալու համար յատկապէս հնարուած դրութեամբ մը։ Անոր ճակատին՝ «Ողորմեցէք աղքատացը», թիզնոց գիրերով, որոնց սեւ մարմինը կը կրկնուէր ոսկեգոյն շուքով։ Աւելի փոքր՝ «Ի սէր աղքատեցոյն Քրիստոսի», ու գեղացիները չէին հասկնար, թէ ինչո՞ւ այդ գիրերը կարճցած էին։

 

Պալճեան Գրիգոր աղան ժպիտով վիզ ծռեց, ցոլացիկ ապակիներէն ներս, այցուած ըլլալով յիշատակէն խոշոր քրտինքին, որ գործն էր քաղաքի ջոջերուն, երբ առաջին անգամ, սկսնակ աղա, առնուեր էր ներս «ապակի տակառէն» ու հրաւիրուեր իւղագին տալու, «ցնծալու»։ Աչքին եկաւ կէս կանգուննոց կտաւ քսակը, գոյնովն ու փորովը, զայն մէջքէն հանելէ յետոյ ափին մխրճումը անկէ ներս, ու բուռ մը արծաթը, որ այդ պարկին մէջէն լոյսի՜ն էր եկեր։ Աղայութիւնը իր օրէնքները ունի։ Անիկա պարտաւորուեցաւ իր բուռին պարունակութիւնը պարպել պնակին։ «Տոպրակէն անգամ մը ելածը վար չէր իջնար», իջնալու չէր բարիքի ատեն։ Այսպէս տրամաբաներ էին մեծահարուստ ու մեծփոր այդ վաճառականները, Աղքատախնամին անդամներ ու «խաշեր» տեղնուտեղը, անոր անփորձ սնապարծութիւնը։ …։

 

Հաճի Զաքէոսը, լուռ, ցասկոտ, պոռթկալու պատրաստ՝ կը հետեւէր տէր Մեսրոպին, որ անտարբեր թաղարներու շքեղ շարանին ու հետզհետէ պարզուող համապատկերին  --ձախէն՝ Սէտ-Պաշիի ձորը, անոր եռաչուի կամուրջը, դարատափի գեղանի տուները ու հսկայ պատերու վրայ կազմուած ծաղկանոցները–, անդադար հարց կ’ընէր գեղին աղաներէն, ասոնց կիներէն ու զաւկըներէն, եղած եւ ըլլալիք հարսնիքներէն։ Բոլորին վրայ ունէր իր սրամիտ, զուարթ, իրաւ դիտողութիւնը։ Անիկա զգուշացաւ Նալպանտենց «աւերածին» մօտենալէ։ Զգուշացաւ նորէն հիմնական հարցէն` անունը չտալով Սողոմին։ Ու ճարպիկ խաղերով խուսափեցաւ զբաղելէ այն խնդրով, որուն համար եօթը լեռ կտրեր-անցեր էին իրեն հետեւողները։ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսը կարգադրելու էր ամէն բան «անհասանելի կամօքն իւրովք»։ Ժամանակները փափուկ, «յոյժ» փափուկ էին։ Ու «Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի աջը հովանի» ըլլալու էր մեր ամէնուն վրայ։

 

Ո՛չ [125] Գրիգոր աղա Պալճեանը, որ գեղէն կառք նստած ատենը այնքան մեծ էր ջարդեր, առաջնորդը փայթոն դնելով կուսակալին տանելու աստիճան, ո՛չ [126] հաճի Զաքէոսը, որ Մելիքսեդեկ եպիսկոպոս Մուրատեանի Եկեղեցական պատմութիւն էն ու Գրիգոր Մխալեանի ձեռագիր Ընդհանուր պատմութիւն էն քաղուածքներ ընելով՝ կուռ պաշտպանողական մը պատրաստ կը պահէր գրպանը, հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները փառաբանող եւ ուր ճարտար ագուցումով «ընդելոյզ» էր մարդկային «իրաւանց անմահ սկզբունքը», չունեցան համարձակութիւն ընդմիջելու, զիրենք խորագրգռող հարցերուն մօտեցնելու շատախօս քահանան, աքաղաղէն էշը ցատկող իր բառերուն վրայ, յորդ, աճպարար, հաւասարակշիռ։

 

Դարձան ժամուն արեւմտեան երեսը։ Մեր շէնքերը ի՜նչ քրտինք, յուզում, գեղեցկութիւն արժած են մեզի։ Բայց, ափսո՜ս, որ պարտաւորուած ենք կարճ ըլլալ։ Մինչ ամէնքս գիծ-գիծ կ’ախորժինք մեզապատկան ամէն իրերէ, ուր շատ-շատ ընտանիքի մը հոգին է շաղուըւեր, որքան խոր կենդանութեամբ մը ողողուելու էինք հաւաքական կառոյցներէն, ուր սերունդներու հազարներով հոգին է բիւրեղացեր։ Բայց հիմա հողէ ու կառոյցէ զուրկ ամբոխն ենք մենք։ …։

 

Պատուիրակութիւնը հասաւ Վանքին սանդուխը։

 

Օրը լուր ըլլալուն, ժամու այդ տափին [127] մարմարեայ ամայութիւն մը կար։ Նոյն սրբատաշ քարերը, որոնք ով գիտէ ո՛ր բարեպաշտ հոգիներու իբր տապան էին ծառայեր, հիմա կը կազմէին այդ արեւմտեան սալարկը, անթերի ողորկութեամբ, զոր ժամացոյցի մեծկակ կափարիչներու կորութեամբը տեղ-տեղ կը կլորցնէին օղակաւոր մէկ քանի քարեր, անոնք ալ մարմար։ Մաքրութիւնը, ոսկեզօծ գիրերով աղբիւրներուն լեզուն, սանդուխները սկսող վանդակներուն սպիտակ ու խաղաղ լռութիւնը անշուշտ հաշտ էին Վանք բառով հետապնդուած իմաստին։ Բայց բարձրահայեաց փա՜յլը սա վիլլային, որ իր պերճանքէն դուրս, մասնաւոր հովով [128] մը կը կոխուէր [129], կ’իշխէր սա սանդուխներուն, թրքական ապարանքի մը վայել դրուագուն, պիսակաւոր իր եզերազարդերովը։ Բայց շլացիկ կենդանութի՜ւնը [130] իւղաներկին, որ այդ օրերուն ընթացիկ ոճ մըն էր ու նկարէ, արձանէ ախորժ չառնող թուրք պալատները փառփառ կը վառէր արեւուն դէմ։ Բայց առկախ սա պարտէզին   --ժամուն տանիքին կը հաւասարէր անոր մակերեսը--   իշխանական փարթամութի՜ւնը [131], ուր կոպիճով հիւսուած ու գորգի մը յատակը թելադրող նկարով ածուներ երկրաչափական ճշմարիտ ժապաւէններ կը կտրտէին խատուտիկ կանանչէն, որ խաւարտն [132] ու տօսախն էր իրենց եզերքին։ Ու տաղաւարներ, եղեգնահիւս ու ծաղկեբոլոր, որոնց գագաթին կը հանգչէր թրքական խորհրդանիշը, մահիկը՝ ծոցին աստղ։ Ու աւազաններ, որոնց պաստառին վրայ հեղուկ ջահեր կը բռնկեցնէին լեզուները շատրուաններուն։ Սարփինայ։ Արեւադարձային արմաւենիներ։ Ահա տարրե՜րը հայոց առաջնորդարանի պարտէզին, որուն պաշտօնական անունը Վա՜նք էր երկու հարիւր տարիէ ի վեր, ինչպէս կը վկայէին հին արձանագրութիւնները Սուքիաս էֆէնտիի դիւանին։

 

Վա՞նք։

 

-- Անշո՛ւշտ։

 

Վասնզի, կար ատեն մը, հազիւ կէս դար կանխող, երբ այժմեան սա փարթամ, ակնախտիղ պարտէզին տեղ կը տարածուէր ուրիշ մը, նոյն այս հողերուն վրայ, բայց առանց սա շատրուաններուն, լիւքս ու անբեր ծառերուն։ Որուն խորտուբորտ ծալքերուն վրայ, ալեփառ՝ բայց կայտառ մարդ մը, գլխեբաց, իր երկարուն մարմինը մազեղէն վերարկուի մը պլլած, մօրուքին ճերմակ շուքը ժուռ կ’ածէր բրիչին հետ, ածուէ ածու, լոլիկի, բողկի, վարունգի, դդումի եւ ընթացիկ բանջարեղէններու մշակումին յատկացուած։ Գեղանիզակ սոխե՜րը ու ակօստերեւ սխտորնե՜րը։ Անշուշտ, այդ երանելի դարերուն, այդ պարիսպէն դուրս անհաւատին ահը կրկին կ’ամպանար հոդ աշխատող մշակ ժողովուրդին վրայ։ Կրկին տուները կ’ապրէին օրուան մը կեանքին երկնատուր նուէրովը ու կ’աղօթէին հասնող գիշերին արհաւիրքին դէմ, Նարեկացին եւ Շնորհալին «երկնառաքելով»։ Անշուշտ, այդ երանելի ատեններուն, առաջնորդները, եպիսկոպոս կամ վարդապետ, իրենց աղօթքէ «պարապ» ժամերը կու տային աստուածահաճոյ զբաղումներու, կը պառկէին հողյատակ սենեակներու մէջ, քարին ասեղներուն յանձնած դեռ ողջ մասերը իրենց միսերուն ու ոսկորներուն, բայց իրենց սուրբ քղանցքին համբոյրին երկարած հիւանդները ողջ-առողջ տուն կը ղրկէին ու Աստուծոյ շնորհը [133] կը հայցէին հեթանոսին, ինչպէս հայ-քրիստոնեային վրայ, բժշկելով կոյրերը, անդամալոյծները, այսահարները, ու [134] իրենց փէշերուն յանձնուած գառնուկ ժողովուրդին վրայէն հեռացնելով [135] ցասումը անհաւատին։ Միշտ այդ օրերուն, Վանք ը արդար ու տիրական բառ էր հայուն ու թուրքին բերանին։ Հիմա՞։ –Փաշաներու բուրաստաններէն ընդօրինակուած իր պարտէզովը, ու անոնց սէլամլըգ ները յիշեցնող իր վիլլայովը հայոց եկեղեցիին այդ մասը փաստը կը բերէր ուրիշ, փոխուած քաղաքակրթութեան մը։

 

Տէր Անիքտոս քահանան, որ պարզ, բարեպաշտ, բարեհամբոյր Խաչիկ վարժապետն էր գեղի դպրոցին միջին յարկին, [եւ] [136] քահանայանալէն յետոյ առաջին անգամ շփումի կը մտնէր, սա թլփատուած քաղաքին մէջ, թուրքին պերճանքին, ու գեղին խեղճուկ, սապատաւոր սանդուխը ունէր մտքին առջեւ ժամուն օտային, վախով վեր առաւ իր քղանցքը, «լեզուով սրբուած» սա մարմար աչքերուն խնայելու համար աղտը իր փէշերուն։ Երիտասարդ անոր մօրուքը, որ երկննալու տեղ թաւնալուն, զինքը վարժեցուցեր էր մատերովը թել քաշելու, անոր շուարումին կը բերէր ծիծաղելի երանգ ալ։ Ու քաղաք գալուն առիթով քարիւղի մէջ իւղերէն մաքրուած անոր փակեղը խուլ հոտով մը անհանգիստ կ’ընէր անոր շունչը։

 

-- Ո՞ւր ենք, հաճի Զաքէոս, - փսփսաց կամացուկ, տէր Մեսրոպէն չլսուելու հոգով։

 

-- Արքայութի՜ւն, - պատրաստաբանեց հաճի Զաքէոսը, խորունկ հեգնութեամբ։

 

Ժողովրդային տրիբուն՝ անիկա կը խորհէր դրամին, որ ազգին քսակէն կորզուելով, եկեր էր սա պատերուն, երկաթներուն, ձողերուն վրայ ոչնչանալու։ Ու կ’ոգեկոչէր 1870ը, Ազգային ժողովը, Ստեփանոս Փափազեանը, որոնք այս ամիրայական սովորոյթներուն դէմ այնքան վսեմ պայքար էին բացած ու պատմութեան անցած, անցուցած իրենց ընդդիմութիւնը։

 

Տէր Մեսրոպին քովնտի նայուածքը կարճ կապեց տրիբունին հաւանական շեղումը։

 

Ատենապետ Գրիգոր աղա Պալճեա՞նը։

 

Անշո՛ւշտ։ Ան ալ կը հաւաքէր ինքզինքը, քանի կը մօտենար առաջնորդարան։ Ո՞վ չունի իր հաշիւները աշխարհի երեսին։ Ու փառաւոր՝ հաշիւը ատենապետ աղային, խորունկ ու ճարտար, զոր կը սքողէր խնամքով։ Առաջնորդին «հաճոյ թուելու» գրաբար ասութիւնը Աւետարանէն կաթած էր անոր մտքին թէեւ, բայց ունէր աւելի թաքուն, անխոստովանելի արմատներ։ Վասնզի հիւծախտաւոր իր կինը թաղելէ վերջ  --բժիշկները անոր մահը վճռած էին, ամէնէն ուշը մինչեւ գարուն–, անիկա պէտք պիտի ունենար առաջնորդին արտօնութեան, պսակուելու համար քենիին հետ, տասնվեցը նոր անցած ու այրի, այսինքն՝ առանց նշանածի, քանի որ այդ երիտասարդը մեռած գտեր էին լեռը, մարդ չէր գիտցած՝ որո՞ւ ձեռքով։ Խուժդուժ այդ սպանութիւնը   --կացինով առած էին տղուն գլուխը--     արժանի չեղաւ կառավարական խիստ հետապնդումի, հայերը մեռնելու համար դժուարահաճ չըլլալ ստիպուելնուն։ Ու բացի աներձագէն ոչ ոք գիտէր սպանութեան մէջ մատը թաղականութեան ատենապետին, որ այդ անմեղ տղան գործածեր էր երիտասարդը պառկեցնելու, ազատ ընելու համար գլուխը իր քենիին, տարի մը կայ օրինաւոր տարփուհի, հիւանդ իր քոյրը արժանիքով, տարիքով, առաւելութեամբ փոխանորդող։ Մարդկային սի՜րտ, ինչ ցեխէ շիներ են քու խեցին։

 

Սանդուխներու գլուխը, պաշտօնական վայրերու մուտքին, սպասման կարճ րոպէներու, մենք այսպէս ոտքի վրայ ողբերգութիւններ ենք այնքան յաճախ։ Վտանգի, կորուստի փոփոխակի ալիք մը մեր հոգին կ’աւլէ, կրկին կը կազմուի ու կը դառնայ ետ։ Իւրաքանչիւրին մէջ աշխարհ մը իւրայատուկ նկատում ու յուզում։ Ու այս դիտողութիւնը իր բոլոր կշիռը կը ստանայ, երբ սանդուխներուն վերեւ թուրքը դնենք։ Ամէն հայ (բացառութիւնները դուրս են ազգային մթնոլորտէն) զգացեր է այդ անձուկը, երբ գործի մը համար սպասեր է դիւանի մը դուրսը։ Համիտի ռէժիմին հայոց առաջնորդարանները երանգն էին առած տաճկական պաշտօնատան։ Ժամկոչներուն լուսնաստղ նշանով կոճակները պարզ զարդանիշներ չէին։

 

Ելան։

 

-- Պարտէզը՝ զոր կը ճանչնաք մեծ գիծերով։

 

Ընդարձակ, տասնի մօտ արտավար տարածութեամբ մը։ Մարդեր կան, որոնք արտաքին ամէն զգայութիւն իրենց մէջ կը վերածեն ներքին, իրենց թաքուն անձին երանգէն զգացումի կամ մտածումի։ Ձկնորսը, քաղաքին մէջ ծախուած ձուկերուն առջեւ ուրիշ մարդ մըն է։ Տէր Անիքտոսը, գիւղական երկրաչափ, վարժապետութեան շրջանին (կը հասկնաք անշուշտ աշխարհականը ) մասնագէտ մըն էր հողերու չափումին։ Չուան, կանգուն, քայլ՝ անոր աչքին չափ ստոյգ չէին տար տարածութիւնը։ Ու հողագործ՝ անիկա ափսոսաց քիթին տակէն սա հողերուն, որոնք ձգուած էին սա ճիճիպիճի ծաղիկներուն, յիմար ու անբեր ծառերուն։ Ի՞նչ գործ ունէին եղեւինն ու վայրի կաղամախը տեղի մը վրայ, ուր ցորենն ու գարին տիրելու էին անդիմամարտ։ Իրաւ ալ, հինաւուրց մայրիներու խիտ վարագոյր մը կը թուէր ձգուած պարտէզին հարաւ ու արեւելեան պատերուն առջեւ։ Տէրտէրը նկատեց, որ այդ գիծը տեղ-տեղ փրթած էր։ Ուրկէ՞ իմանալ սակայն դաւադրութիւնը, որ գործադրուած էր կանանչ այդ պարիսպին վրայ երիտասարդ վարդապետի մը ձեռքով, մեծ մարմնաբոյծ [137] ու հաճելախոյզ։ Ծառերը մեռած էին թունաւորուած այդ օծուած աջէն, որ անոնց արմատները գամով ծակծկած ու ծակէն ներս սնդիկ էր վազցուցած։ Մետաղը քալած էր արմատներէն ու մաղ-մաղ ըրած անոնց աչքերը [138] ։ Անոնց կարմրած մարմինները ինկան, որպէսզի անցք տային պարիսպէն անդին, փողոցէն բարձրացող տան մը պատուհաններուն, դուք կը հասկնաք, հսկող աչքերուն դէպի վանական բուրաստանը, ուր ծաղկենկար, ոսկեզօծ գդակով երիտասարդ վարդապետը վարդենիներ կը խնամէր, ածուի ծաղիկներ կը փայփայէր, ծունկերը լարած, նայուածքն ալ պատուհաններուն։ Ծառերուն անկումով պարիսպի վարագոյրին մէջ գոյացող հերձուածը անշուշտ խռովեց ութսունամեայ, գործէ քաշուած աւագերէցը, որուն երիտասարդութեան կը վերանային անոնց փառքն ու իմաստը։ Ան պաշտօնապէս բողոք «բարձաւ» նորին սրբազնութեան, արքեպիսկոպոս Չամիչեանին, սրբապղծուած պարտէզին վարկը փրկել ջանալով ու մեղադրելով պարտիզպանը, երիտասարդ վարդապետը, քանի որ դաւադրութեան հետքեր նշմարած էին դժուար տեսնող իր աչքերը։ Քահանան պատժուեցաւ, շատ տպաւորիչ պատիժով մը, վրայ տալով տասանորդը իր ծուխերուն, իբր «օրինակ այլոց», իրեն չպատկանող գործի մը խառնուելով եւ «անդորրութիւնը վրդովելուն»։ Չամիչեան սրբազանը ա՛լ տիրական դէմքն էր հայերուն յորմէհետէ Հայաստանի կողմերը քոմիթէ ին հոտերը ելած էին եւ սրբազանին մեծ հակառակորդները, իրենց ազգային եռանդով քաջածանօթ հայերուն եւ թուրքերուն, սրբազան իր ցուցմունքով կասկածելի նկատուած։ Եպիսկոպոսը կայսերական պալատին ալ համակրութիւնը ունէր իրեն հետ, ու Վանքին առաջնորդարանը ձգած երիտասարդ իր ձեռնասունին, կ’ապրէր քրոջը տունը, հինգ սպասուհիներէ շրջապատուած, որոնց ամէնէն մեծը քսանը չէր անցներ։ «Սրբազան պէյը», որ անոր պիտակ անունն էր, բացատրութեան կերպ մը չէր, այլ՝ խորունկ աղտոտութիւն մը։ Ի՜նչ տրտում ու խոր է մարդոց պատմութիւնը։ Քանի՛ քրքրենք, ա՛յնքան յատակը կ’ընկրկի, ու անոնց մեղքերուն աղբը կը պարարտանայ։ …։ Ու գործերը քալեցին։ Յուզմունքի տարիներուն քաղաքին մեծերը զգուշացան Վանք բարձրանալէ ու չեղաւ կամքը, որ տնկէր նորերը պառկողներուն տեղ։ …։ Յաջորդող առաջնորդը, պոլսեցի, (այսինքն՝ պարտէզի, ծաղիկի, ծառի սիրահար) գիտնական, նոյնքան երիտասարդ ու ծաղկենկար գդակէ ախորժ զգացող, Լաֆոնթէնի առակագիրքը մատնիով օղակուած [139] մատներէն կախ, կը սիրէր թափառիլ այդ «հովաստանին» ներքեւ ու չէր նեղուեր փրթած գիծէն [140] ծառերուն։ Ան ալ պարիսպին վրայէն բարեւ կ’առնէր ու ողջոյն կ’ուղարկէր։ Տուներու պատուհաններէն աչքերը չեն պակսիր։ Հինցողին, գացողին տեղ, ուրիշը, նորը պիտի գայ։

 

Վանքին պարտէզը, «այդ բոլոր շռայլութիւնները» արդարացնող իր պաշտօնեան ալ ունէր, վճարուած պարտիզպան, որուն քոյրը, համբաւով գեղեցկութեամբ, ատենին Չամիչեան սրբազանի սպասուհիները կը կառավարէր, անվիճելի հեղինակութեամբ մը, ծերացած՝ բայց «անձէն առողջ» եպիսկոպոսին վրայ։ «Հոյակապ» սա պաշտօ՛նը, ինչպէս տարազեց միտքէն Պարտիզակ ըրած, ամառնային արձակուրդի մը այդ գիւղաքաղաքին մէջ Արշակ Չօպանեանը ճանչցած ու ատկէ շփացած պատուիրակ-քարտուղարը թաղականութեան։

 

Տեսան պարտիզպանը, որ թաղարիկները կը տեղափոխէր, ով գիտէ քանի՛ հարիւրերորդ անգամն ըլլալով։ Դեկտեմբերին ալ կը քրտնէր անիկա, քանի որ թաշկինակը անդադար ծծուն թուղթի մը պէս կը պտտէր անոր դէմքին վրայ։ Աճապարո՜տ։ Վասնզի պարտէզի խաղաղութեան մէջ անիկա կը լսէր բոլոր ձայները ու, արդարացնելու համար իր ամսականը՝ կը կեղծէր, կը դերէր [141] տենդոտ աշխատանք։ Առնուազն մկրատով կնտելով [142] ածուեզրի տօսախները։ Այսպէս պիտի ընէր, այցելուի ոտքի ձայնն առնելուն։ Փորձառութիւնը անոր սորվեցուցեր էր աչքին արժէքը, իր գործին վրայ։

 

Հարուստը պիտի հետաքրքրուէր հանգիտութեամբ, աղքատը՝ նախանձով։ Տակաւին կային ուրիշ ալ պատճառներ։ Հաճի Զաքէոսը, լսովի տեղեակ էր բաւական սիրուն մանրամասնութեան մըն ալ։ Շնորհալի պարտիզպանը, հայր սուրբին անունովն ու ողջոյնովը, իր ածուները կազմուած «ճաշակագեղ» ծաղկեփունջեր կը փութացնէր իբր դուզնաքեայ նուէր այս ու այն վաճառականին, աղային, հայազգի պէյի մը ոչ անշուշտ մաղազա ները, այլ՝ բնակարանը ու հարկ չկայ ճշդելու՝ որոնց հասցէին։ Ի հարկէ, հայր սուրբը պարկեշտ, անբասիր եկեղեցական մըն էր մեծամասնութեան աչքին։ Ու Ջերմուկները լոգանքի գացած օրն անգամ, գիշերը անպայման պիտի դառնար Վանքի իր անկողինին։ Բայց... ։ Ու պէտք է կախել այս «բայց»ը։ Գեղանի, հոյաշէն ու հեշտագին նայուածքին [143] տիկինները, ժողովական կամ ոչ՝ իրենց ամուսիններուն լուռ արհամարհանքին հակառակ, «հոգի կու տային» վանաբոյս այդ սիրուն, «չքնաղ» ծաղիկներուն։ Ու տաղաւարներու, աջահամբոյրի, կամ աղքատիկ տղոց ձմեռնային զգեստ հայթայթելու համար իրենց դիմումներուն արդիւնքը առաջնորդին հաղորդած ատեննին, ժպիտով, յամեցուն շաղակրատութեամբ, գովքը չէին սպառեր այդ սիրուն, չքնաղ, դարձեալ սիրուն, դարձեալ չքնաղ ծաղիկներուն։ Տեղը չէ՞ կրկնել այնքան իմաստուն առածը մեր ժողովուրդին.

-- Աշխըրքին բանն այսպէս է եկեր ու գացեր։

 

Պարտէզին մուտքը ձողակազմ մեծ դուռ։

 

Ուր փութաց բազմաշխատ պարտիզպանը։

 

Լիաժպիտ, վայելուչ, գեղանձն։ Կնիկի վայել նրբութեամբ մը։

 

Բացաւ անիկա ցանց-փեղկը, սուր, ուժով, ու երկարուն զանգահարութեան մը մէջ, չերեւցող զանգակէ մը։ Ընդունելութի՞ւն։ Այդքա՛ն կ’ըլլար։

 

Անկոճակ իր համազգեստին մէջ  --ժամկոչներուն բողոքը Չամիչեանին մեկնումէն յետոյ փրցուցած էին պաշտօնական մահիկն ու աստղը անոր բաճկոնէն–, անիկա կատարեալ էֆէնտի մը կը մնար, շուկայ, դիւան հոտող։ Նկատեց ատիկա տէր Անիքտոսը, որ սքեմին տակն իսկ հողագործ, բնազդաբար տեսեր ու դատեր էր մատնիով զարդարուն ձեռքը դուռը բացողին։ Հողին մէջ ու հետ աշխատողը «տէօնիւմ» մը հեռուէն կը ճանչցուի իր կոշտերէն, ճեղքռտած մատի ծայրերէն ու յօդուածներուն կոշկոռ կապած ցեխէն։ Ու տէրտէրը ակամայ շփեց իր մատները, որոնց յօդերուն գունդ-գունդ բան էր քարցած, հակառակ երիտասարդ տարիքին։

 

Դուռը, դառնալէն յետոյ, մաքուր այդ էֆէնտին կրկին բարեւեց նորեկները, վայել ճկունութիւնով ու արարողապաշտութեամբ։ Նոյն ատեն, ճարպիկ, անգուշակելի առանձնախօսութիւն՝ տէր Մեսրոպին հետ։ Յօնք, ուս, դէմքի փոփոխակի կէտեր [144], նոյնիսկ մօրուքը մաս ունեցեր էին սա խօսակցութեան մէջ, որ կարճ տեւեց։ Հայր սուրբին հազը, «դղրդագին ու ջղային», ճուացող կիներու կանչին շատ մօտիկ, արձագանգեր էր կրկնապակի պատուհաններէն։ Պարտիզպանը, արտորանքով՝ բայց տխուր, փախեր էր դէպի թաղարները։ Պաշտօնական բարիգալուստէն դուրս, անոր արգիլուած էր խօսիլ այցելուներուն։ Ու ատիկա մեծ տառապանք էր այդ մարդուն, քանի որ լեզուն ջաղացքին քարին պէս կը դառնար բերանին։

 

-- Սատանայ, - փսփսաց ետեւէն տէր Մեսրոպը, ու անցաւ առաջ։

 

Պատուիրակութիւնը, հետեւիլ ստիպուած ըլլալուն, պատեհութիւնը չունեցաւ սատանային յեղաբանութիւնը՝ ինչպէս մեղքը ուզելու [145], թէ հաճի Զաքէոսը իբր կէս-պրուսացի (միւս կէսը պարտիզակցի, չմոռնալ ասիկա) պարտաւոր էր տեղեակ ըլլալ [146], սատանային վրայ շրջող զրոյցներուն։

 

Անոնք կանգ առին ապակեայ գաւթակի մը առջեւ։ Ճիշդ ու ճիշդ նոյն ոճով, որուն ծանօթ են մեր ընթերցողները քոմանտան փաշային ապարանքէն։

 

Ապակեայ այդ տուփին երկու արտաքին անկիւններուն, շունի մեծութեամբ երկու արձաններ, դասական նստուածքով առիւծներ, իրենց մարմինին մարմարէն հանուած մէյ-մէկ թաղար սեղմած իրենց ճիրաններուն։ Ո՞ր հանճարային մտածումը [147] միս ուտող սա խոտեղէն առարկաներն էր ճարեր [148] ։ Հայր սուրբին նուէրն էին անոնք ազգային առաջնորդարանին, կատուի մեծ սիրահար ու, հանգիտօրէն՝ կատուազգիներու։ Թաղարներուն խորը, ա՛լ չորցած ծղօտներ, որոնց փակած կը մնային եղջիւրի ձեւով սեւցած պարկուճներ, ոսպ-ոսպ ուռեցած՝ իրենց պատեանը, մանրանկար սանդուխներ կազմելով ծղօտներու քովերէն, թաղարներուն մէջտեղը ճերմակ ձողիկներ, որոնց գագաթին ճերմակ հաւկիթներ, փայտեայ, բայց կատարեալ նմանութեամբ, անգէտները պատրելու աստիճան։

 

Գաւթակէն ներս դարձեալ թաղարներ։

 

Ճակատէն` առաջնորդարանի հիւրասրահը, ուր թիկնաթոռներու կիսաղեղ շարքէն մաս մը ոտքի, ուրիշներ նստած կը թուէին, մութէն այդպէս ձեւազեղծ։ Մեծատարած պատուհաններէն լոյսի տեղ մութի մօտ բան մը ինկած էր անոնց վրայ։ Հաճի Զաքէոսը գիտէր, թէ ոսկեդէզ [149] վարագոյրներ ու անոնց վերնամասը թիկնոցող ծոպաւոր ուրիշ թաւիշներ կը խզտէին լոյսէն գոյնն ու իմաստը անշուշտ ազգին պիւտճէին, գեղին «աղքատին ու տնանկին» բերնէն փրցուած պատառին գնով, ինչպէս կը բարբառէր քաջարի տրիբունը, երբ թաղականութեան շրջանը լրանար ու մինչեւ ընտրութիւնները գործերը իյնային «որջացած»ներուն, որոնք այդ անիշխանութեան ամիսներուն ազգը պոչով կուլ կու տայի՜ն։

 

Սողոմենց կնիկը խաչ էր հաներ, վախուն ու արմանքէն [150] ։

 

Գաւթակի աջին, դուռ։

 

Որ բացուեցաւ, զանգակի քիչ ու մեղմ սուլոցով մը։ Ո՞վ էր կոխած մատ կոճակին, որ չկար։ Հարցուց ինքիրեն Սողոմենց կինը, որ կը վախնար խաս մարմարին ամուր կոխելէ, զանոնք կոտրելու կամ աղտոտելու զգուշութեամբ։

 

Ու այդ դուռին մէջ Սուքիաս էֆէնտին, առաջնորդարանի պատուական ու ազգասէր քարտուղարը, նուէր՝ Չամիչեան սրբազանէն, եփուն ու գործ կարգադրող, լիակատար վստահութիւնը վայլող բոլոր առաջնորդներուն ու ազգային մարմիններուն, ինչպէս… թուրքերուն։

 

Ինչպէս միշտ, անիկա տեղաւորեց գրիչը ականջին ետեւը։ Այդ բնազդական շարժումին հետ՝ անիկա քիթին ալ պիտի տար անգիտակից հարուածը, զայն արթնցնող։ Ատիկա՝ պատրաստութիւն, տէր Մեսրոպին «պտղունցը» [151] ընդունելու, որուն վարժեր էր թեթեւ մոլութեամբ մը։

 

Ամէն այցելու, ամէն դասակարգէ, հերիք է, որ բացառիկ արտօնութիւն չունենար առաջնորդին սենեակը մուտք գործելու, անիկա պիտի ընդունէր այդպէս, այդ սեմէն, թիզով բարձր սալարկէն։ Քիչիկ մը ընդառաջ, կիսաժպիտ, քիչիկ մըն ալ աղեղօրէն երկարուն դէպի այցելուն, մեծարանք առնելու կամ տալու իր կեցուածքին մէջ ինքզինքը «հանդերձած»։ Թրքական քաղաքավարութիւնը մերիններէն ոմանց մօտ հասած է բնատիպէն վեր կատարելութեան։ Քիչ քաղաք, որքան Պրուսան, տուած է այդ երանգով փաստաբաններ, որոնք կօշիկ ու թարթիչ անգամ կաղապարած են սկզբնատիպ կաղապարին վրայ, ձայնէն, լեզուէն, ձեռքերու եւ կռնակի շարժումներէն ետքը։ Պոլսեցիները բերեր էին [152] մեծարժէք ուսուցիչ մը, բնիկ Պրուսայէն, որ թուրքերէնի [153] դաս տուաւ կէս դար իրենց վարժարաններուն մէջ եւ չէր զատուեր թուրքէն հանգամանօրէն, թուրքէ մը աւելի խորացած եռալեզու անոնց մշակոյթին ու Պապը Ալիի դիւանատէրերուն մագաղաթեայ դէմքին մէջ։

 

Սուքիաս էֆէնտին, քիչ-շատ ծանօթ եւ «շնորհքով» մարդու մը առջեւ կը լրացնէր իր ժպիտին միւս կէսն ալ, ինքզինքը ընելով պատրաստակամ ու անկեղծ, գործադրելով գործադրելի ամէն առաջարկ «ըստ կարեաց իւրոց եւ փութանակի», ինչպէս կը սիրէր թրքաշեշտ գրաբարել, հայերէն չհասկացող այդ մարդերը տպաւորելով քաղցր իր հաճոյակատարութեամբը։ Ոչ ոք չմերժել, ու բան մը չընել, անշուշտ անհաշտելի այդ եզրերը միշտ չեն գոհացուիր։ Բայց կան այս մարդերը եւ իրենց պատրաստակամութիւնը կը բաւէ իրենց անգործութիւնը չքմեղելու։ Սուքիաս էֆէնտիի վարկին ու ժողովրդականութեան մեծագոյն զսպանակը այս սրտառուչ ու զինաթափ ընող բարեացակամութիւնն էր, խորապէս թրքական ու առանց կաշառքի։ Թուրքերը արգիլած էին ատիկա իրեն` պահել տալու համար իր աթոռը առաջնորդարանին օճախին մէջ։

 

Անիկա ըրաւ բարիգալուստի պարտ ու պատշաճ շարժումները, տեղաւորեց ընթացիկ բանաձեւները, օծուն, դիւրապատրաստ, «մեղր ու շաքար», արդարացնելով իր համբաւը, որ հասած էր ընդարձակ թեմին խորագոյն գիւղերը մինչեւ։ «Փութանակի», «ըստ կարեաց իւրոց» գեղեցկահունչ տարազներէն զատ, դեռ սեմէն ներս չգացած [154], անիկա լսելի պիտի ընէր իր «սպասը» պատուական «իւրազնէից կարեաց ի գոհացումն». պաշտօնական թղթակցութեանց այս ոճերը նամակներէն փակած էին անոր լեզուին, որ, տեղի-անտեղի, հայր սուրբէն խծբծուելուն հակառակ, կը գործածէր զանոնք «ի մասնաւորի» գիւղական պատուիրակութեանց առջեւ։

 

Ձեւակերպական, քլիշէ սա խօսակցութեան ընթացքին, անիկա սանկ խոշոր գիծերով պիտի ծանօթանար, դեռ դիւանատուն չընդունած, իրական կարիքը իւրազներու [155], արարողապետ տէր Մեսրոպի, կամ ասոր բացակայութեան՝ պարտիզպան Մամաս էֆէնտիին նշմարներովը՝ ուրիշներէ անթափանց։ Ծանօթ է արհեստապետութեանց մասնալեզուն ։ Չէ կարելի ոսկերիչ մը հասկնալ, առանց շրջանակէն անցած ըլլալու։ Ոսկերիչներէն ետքը, մեր մէջ իրական արհեստապետութիւն կը կազմէր կրօնական դասակարգը՝ իր մասնաւորուած լեզուովը, շահերը հետապնդելու տիրական մեթոտներովը, «գանձանակային» ու բանկալեան բարքերու անսրբագրելի հաւատարմութեամբ։

 

Սուքիաս էֆէնտին թեթեւակի մռայլեցաւ, երբ եղաւ տեղեակ իւրազնէից կարիքներուն։ «Գործ»ին դժուարութիւնը, փափկութիւնը կ’աւելցնէին անոր կարծիքով ժամանակին ալ փափկութիւնը, դժուարութիւնը։ Անշուշտ [156] է ճշմարտութեան բաժինը սա տարազներուն մէջ։ Դիւրին է, քիչ-շատ քաղաքակիրթ վայրերէ, արդի ֆիզիքական ապահովութիւնը հիմ բռնելով ծանրանալ այդ շրջանին եւ զայն դատապարտել։ Ինչպէս՝ հիմ բռնել Սուքիաս էֆէնտիներու վոհմակը եւ տարածել սա անկումը ամբողջ ազգային շրջանակներու վրայ։ Ասկէ անկախաբար, միայն գիւղին անունը ու մաշած կնիկին ձեռքը բաւ էին դղրդելու անոր ինքնին անապահով դատողութիւնը։

 

Րոպէ առաջ անոր այնքան զեղուն արտայայտութիւնը վերստացաւ կիսապաշտօն տարտամութիւնը, որով սկիզբ կ’առնեն մեր մերժումները եւ տհաճ, անհամ ձգձգումները։ Իր «ոսկեդարէն» ետքը, որով կը խորհրդանշուէր 1880-90ի իր պաշտօնավարութիւնը, երբ Չամիչեան սրբազանին պետական ազդեցութիւնը առաջնորդարանի դիւանին բերեր էր պետական պատկառանք, Սուքիաս էֆէնտին, «հեծեծագին ողբալով» ազգին օրըստօրէական անկումը, կ’աւաղէր անցաւոր փառքը այս աշխարհին, օրերը՝ երբ իր սրբազանին մէկ բարեւը բաւ էր բանտարկեալ մը ազատ արձակելու կամ ազգային կալուածներու վրայ ոտնձգութիւն մը «առերեւոյթ» սանձելու։ Հիմա՞։ - Իր գործունէութիւնը   --ու տարօրինակ է, որ իր ով հասկնար ամբողջ առաջնորդարանը կը սահմանափակուէր ծնունդի եւ մահուան վկայաթուղթերու խմբագրութեան ու, այսպէս ըսուած «քաղաքական ժողովի» մը ատենագրութիւնները կը դիւանէր (իրն է բառը) արձանագրելով, մանրամասն հաւատարմութեամբ, վիճաբանութիւնները սա երանելի ժողովականներուն, որոնք ժամեր կու տային մոմարանին մէջ գործածուելիք մանածին կէս ֆարթինկ [157] աժանութեանը մասին եւ դիւանին «ի պահ» կը ղրկէին գեղերէն խմբագրուած տեղեկագիրները, բոլորն ալ լեցուն զուլումով, առնուազն տան ճրագ երիտասարդի մը արիւնով, փախցուած աղջկան մը ողբերգութեամբ ը, կամ՝ բռնաւոր պէյերու ոտնձգութեամբը դարերէ ի վեր հայ գեղերու պատկան հողերուն վրայ։ Թրքական զուլումը մէկ է իբր յղացք։ Մէկ է գրեթէ իբր գործունէութիւն։ Անատոլուի արեւմտեան նահանգներուն մէջ անիկա ծաւալով միայն կը տարբերի հայկական որակուած այն շատ ընդարձակ հարստահարութենէն, որ քաղաքական որոշ ծրագրի մը կը հպատակէր Վեց նահանգներուն մէջ։ Այնպէս որ, «փոքր չափուն վրայ» այդ հարստահարութիւնը իրական էր ա՛լ [158] 1880էն ի վեր։ Ջարդերը փոխեցին մեթոտները ու ամէն թուրք համոզուեցաւ աւելի մեծ ախորժակներուն սրբութեան։ Մինչեւ Սահմանադրութիւնը, հայ-թուրք յարաբերութիւնները նիւթ կրնան տալ սրտառուչ հատորի մը։ Կ’անցնիմ։ Կրօնափոխութիւնը մէկն է այդ օրերու ամէնէն տխուր եւ փշոտ հարցերէն։ Քրիստոնեայ Եւրոպային անզօրութիւնն է զսպանակը այն խոր մոլեռանդութեան, որով թուրքերը շրջապատեցին ամէն նման դէպք։ Միւս կողմէ՝ խիստ դժնդակ պայմաններ կը ճնշէին մեր ազգային մարմինները, որոնք 96ի ջարդերէն վերջ վերադարձ մը ըրին իրենց պապերուն քաղաքականութեան։ Գլուխնին ողջ պահելը հայկական առած է։ Վաճառականը, արհեստաւորը, խանութպանը այդ ճակատին վրայ մէկ կը մտածէին։ Յեղափոխութիւնը Պրուսա պիտի գար 908էն յետոյ, իբր օրինաւոր, արտօնուած կազմակերպութիւն եւ թուրքերուն պիտի ծառայէր պատրաստ պատրուակ՝ երիտասարդութեան զանգուածային սպանդին, քաղաքին վրայ ժամով հեռու կիրճի մը մէջ, ու կախաղաններու անտառին, զոր 915ի հարիւրապետները պիտի պատրաստէին այնքան դիւրութեամբ, մահուան փայտը հանելով երէկուան մտերիմ հայրենակիցները։ …Ատկէ առաջ, 900ի շրջաններուն, Պրուսայի «մերազնէից» խաղաղ անհնդիր (պրուսացիները փոխանակած են [159] խ եւ հ գիրերը, արտասանութեան ատեն) ապրումին համար անհրաժեշտ էր, մեծ դիւանապետին համեստ կարծիքովը, պարպել բոլոր գիւղերը, բնակչութիւնը փոխադրելով քաղաքը, ուր այդ «մերազնէները» շուտով կ’ընտելանային նոր պայմաններու, կը դառնային պարկեշտ արհեստաւորներ։ Այս «եղանակաւ» կը լուծուէր կնճիռը գիւղական տեղեկագիրներու եւ կը գտնէին ցանկալի վախճան բոլոր անհաճոյ դիմումները «առ ոտս բարեխնամ կառավարութեան»։

 

Այս ամէնը, ամէնօրեայ անդաճումներու արդիւնք, կը թարմանային պատուական դիւանապետին մտքին, երբ կնճռոտ հնդիր մը սեղանի ելլէր։ Սակայն ո՛չ հաճի Զաքէոսը, ոչ ալ մեծփոր Գրիգոր աղան չտեսան ասոնց արձագանգը Սուքիաս էֆէնտիի դէմքին, վասնզի երեւելի քարտուղարը մագիստրոսեան կատարելութեամբ մը իւրացուցած էր թուրքերուն խորամանկ խաղաղութիւնը։ Անիկա զանոնք հրաւիրեց դիւանը։

 

Տասնհինգ տարեկան մանչ մը, աղջկան դէմքով, որուն մազերէն սանտրին ստեղծած հէնքը կը մնար դեռ անաղարտ, օրը կէսէն անցած ըլլալուն հակառակ, առանց գրիչը ձեռքէն ձգելու, գլուխով առաւ պատուիրակութեան բարեւը։ Չէր ժպտած, ինչպէս չէր ալ ելած աթոռէն` խոր դժգոհութիւն պատճառելով թաղականութեան ատենապետին։

 

Տէր Մեսրոպը փութացուց գանձանակը։

 

  -- Յիշեալ լիջիք առաջի անմահ գառինն Աստուծոյ։

 

Քթախոտի տո՜ւփ։

 

Անիկա չհասկցաւ Սողոմենց կնիկին անվարժութիւնը։ Իր գիտցածը ա՛ն էր, որ գեղին մեծ խաթունները բոլորն ալ կը գործածէին «օրհնեալ» փոշին։ Ու չգիտցածը ա՛ն՝ որ Սողոմենց մայրը հաճի աղայի մը կինը չէր։

 

Խոտին քաղցրացած արտաբուրումը, հետեւող փռնգտուքը, Գրիգոր աղային հսկայ հազը, որ դիւանադարանին ապակիները դողացուց, գրագիր պարոնիկին պաղ ու թթու դէմքը իրարու խառնուեցան։ Որմէ յետոյ՝ տէր Մեսրոպը զանգակի եռակի հնչումով մը անհետացաւ։ Հայր սուրբը կ’ուզէր զինքը։

 

Անոր բացակայութեան Սուքիաս էֆէնտին սարէն-ձորէն հարցում ըրաւ տէրտէրին։ Բերքը    --ձիթապտուղը կ’ակնարկէր--   տուրքերու կանոնաւոր վճարումը, աւազակները, անտառներու շուրջ անպակաս վէճերը, նախիրը, լիճին բարձրացումը, Մուգատայ ի յետնեալը, թաղականութեան միւս հիստ յարգելի անդամները, անոնց հարսնցու աղջիկներն ու փեսայանալիք մանչերը անցան այդ հարցումներէն [160], տնավարի, մարդամօտ, ճանչցող ձեւերով։ Հակառակ ատենադպիր պարոն հաճի Զաքէոսին բուռն ցանկութեան ու անհամբեր սպասումին, որ երկար, պատճառաբանուած, զօրաւոր յարձակողական մը պատրաստած էր Մաթոս վարժապետին ապիկարութիւնը պարտիզակեան պերճախօսութեամբ մը «տախտապարող», Սուքիաս էֆէնտին չմօտեցաւ վարժարանական հարցին։ Այս զգուշաւորութիւնը զիջում մը չէր թաղականութեան ատենապետին, որ կը պաշտպանէր «փլած» վարժապետը իր շատ գեղանի ու մատաղ կնիկին էշխ ին, այլ՝ շատ բարձր քաղաքականութեան մը կտակը, Չամիչեան սրբազանէն, «իր ականջներուն իբր օղանցուած»։ «Անհամակրելի», «անվստահելի», «կործանարար» հաստատութիւններ դառնալու վրայ էին հայոց հին, պատուական, օգտակար վարժարանները, որոնք տէրտէր, տիրացու կը պատրաստէին ու քիչիկ մըն ալ հաշիւի մարդեր։ «Ասկէ աւելին վնասակար էր այս ժողովուրդին», կ’ըսէր ու գլուխը կը թօթուէր թմթռկած այտերով մեծամօրուս արքեպիսկոպոսը, որ «անգօսնելով» Գաւառականի որոշումը (ըստ որում ազգին պետը Վանքէն դուրս տեղ մը չէր կրնար բնակիլ) ապրեցաւ քրոջը տունը եւ, ըստ բամբասանքին՝ նաեւ անոր անկողինը։ Այս անգթութիւնը, որով մենք մեր ատելութիւնը բացառիկ թոյնով մը կը պատուաստենք, երբ կը հալածենք մեր պաշտօնական մարմինները, արժանի է ուշադրութեան ։ Մեր անիշխանական ձգտումներուն առաջին խմորը կը մնայ թաղուած անոր խորը։

 

Հաճի Զաքէոսը, զայրացկոտ, թուքը կուլ տալէն, հակառակ «Բիւզանդիոն» հայաթերթին ընթերցումովը կլլուած թուելուն, կը թարմացնէր այս աղտոտ յիշատակները, որոնք դեռ չէին չորցած սրբազանին հեռացումէն ետքն ալ, ու կը ծխէր սիկարը։ Անիկա Մաթոս վարժապետին հոյաշէն կինն ալ տեսաւ իր միտքէն, որուն դարպասը կ’ընէին մանարանատէր Խաչիկեաններու չորս եղբայրներէն երեքը, թաղականները ու հոգաբարձու պարոնները մինչեւ որ տէր Մեսրոպը վերադարձաւ։

 

-- Հրամեցէք…

 

--   Հայր սուրբի՞ն, - միջամտեց Սուքիաս էֆէնտին ` աչքին պոչովը ցոյց տալով անգուլպայ, թափթփած կինը։

 

-- Հրամանն է, - դիտել տուաւ արարողապետը, ուսին մէկը քիչիկ մը վեր՝ պիղատոսեան նենգութեամբ մը։ Յատկանշական իր շարժումն էր ատիկա, որով պատասխանատուութիւնը կը նետէր այդ «ուսէն»։ Այս կամակատարութեամբ անիկա յաջողած էր ծառայել բռնապետ Չամիչեանին, պաշտպանել իր պաշտօնը նորին մօտ, հակառակ քահանաներու այնքան հնարամիտ սադրանքներուն։ Տրուած հրաման մը անմռունչ, առանց ծուէն մը անձնական դիտողութեան, անմիջապէս գործադրելով։ Անիկա աջ ձեռքն ալ ձայնին պէս պիտի ծռէր քիչ մը ետ։

 

-- Ինչո՞ւս է պէտք…

 

Յօնքերը վեր-վեր առնելով ու սրբելով քթածայրին սեւ, սուրճի կաթիլի գոյնով պուտ մը բանը՝

 

--Թող մտածեն հրաման արձակողները։

 

Միշտ ալ Պիղատոսներ պիտի ստեղծենք մեր անարիութիւնը պաշտպանելու հոգով։

 

Իրենք համեստ ու հլու ծառայողներն էին հայոց ազգին մեծամեծներուն…

 

Մարդիկ այսպէս են։ Հինին մէջ այս վիճակը կ’որակուէր «Երկու տիրոջ ծառայել»։ Հիմա, աւելի ճիշդ է տարազը, որ կ’ըսէ՝ «Երկու երեսով»։

 

-- Զարմանալի է շիտակը, սա մեր հայր սուրբը ։

 

Որո՞ւ կ’ըսէր իր զարմանքը պատուական քարտուղարը, որ առաջնորդին ամէն ներկայանալուն, ոչ մէկ կոճակ կը թողուր անպաշտօն, ու դէմքն ու մարմինը կ’ընէր լրիւ պատկառանք, բայց գեղի աղաներու առջին ինքիրեն կը նուիրէր սա զարմանալի անկախութիւնը։

 

-- Տիկինը քովը չէ՞։

 

-- Ինչպէ՛ս թէ ոչ։ Բայց աւելի անոր խնդրանքովն է կ’աճապարէ կոր։

 

-- Զարմանալի, իրա՛ւ որ շատ զարմանալի։

 

Բայց, հակառակ այդ «զարմանալիութեան», Սուքիաս էֆէնտին «մեծաւ» լրջութեամբ կոճկեց իր փարտըսիւ ն, տեղաւորեց անթերի, մութ իր ֆէսը, բերելու համար եզերագիծը պայմանեալ կէտերուն, ականջներուն խեչակներէն, ու անձնատուր իր քառորդ դարեան վարժութեանց, դիրք բռնած դուռին ետեւօքը, կիսակործան, ժպտուն, թրքական թէմէննահ ը հաւաքող կամ արձակող հակումով։

 

-- Հրամեցէք, Գրիգոր աղա…

 

-- Հրամեցէք, տէր հայր…

 

-- Հրամեցէք, պարոն հաճի Զաքէոս

 

Ու չտուաւ անունը Սողոմենց կնիկին։

 

-- Տիկինն ալ, - միջամտեց արարողապետը։

 

-- Հրամեցէք, խաթուն…

 

Ու «հրամցուած» խումբը մտաւ առաջնորդին ընդունելութեան սենեակը, անշուշտ «ի մեծ զարմացումն» կիսակործան դիւանապետին։

 

Կ’անցնիմ արագ ներկայացման մանրամասնութիւններէն, թէեւ ասոնք պատմական մեծ իրողութիւններ էին այնքան դիւրաւ խաթունի վերածուած Սողոմենց կնոջ համար, որ պիտի խօսէր անոնց վրայ, գեղ դարձին, իրապէս` արմանքով, առաջնորդին հետ քիթ քիթի այդ կնիկին երեսէն։

 

Տէր Անիքտոսը համբոյրի շարժումը ըրաւ դէպի ազգին պետը, բայց խնայեց իր գեղջուկ շրթները անոր արդէն եպիսկոպոսական ափին, կակուղ ու ճերմակ, ինչպէս պարտին ըլլալ այդ ափերը, ու գոհարազարդ, վասնզի ծանօթ էր առաջնորդին «ջղայնութեան», որով այդ ափը պատանիներուն ու երիտասարդ կիներուն կը տրուէր «ի համբոյր», առանց տհաճութեան։ Ըրին անոր պէս միւսները։ Սողոմին մա՞յրը։ Արցունք կար աչքին, երբ առաւ այդ աջը, ուրկէ կախուած էր զաւկին հոգին։

 

Առաջնորդէն յետոյ տէրտէրը ողջունեց երկու քայլ հեռու թիկնաթոռի մը մէջ ընկողմանած կինը, որ մէկ ծունկին գիրք, միւսին դրած «աշխարհք մը մատնի», թոյլ հետաքրքրութեամբ մը կը հետեւէր տեսարանին։ Քահանային պէս ըրին պատուիրակութեան աշխարհական անդամներն ալ` քիչիկ մը շփոթելով իսկ գեղացիի իրենց հիացման մէջ, ու տիկինէն, որուն թարմութիւնը, հագուածքին շքեղութիւնն ու յարդարուն երեսը տպաւորիչ էին խորապէս։ Հայոց առաջնորդը ի՞նչ գործ կրնար ունենալ այս տեսակ «կտորներու» հետ, մտածեց թաղականութեան ատենապետը, որուն կինը սախտած էր [161] մատղաշ տարիքէն, [162] հաւանաբար ցուլի ու հսկայի անոր անձէն ու երեսունը հազիւ անցած «հանգստեան կոչուած էր», բժիշկներու վճիռով, ատենապետը «ներքեւ ձեռաց» ազատ ձգելով սանկ անաղմուկ արածելու, տան գործերու օգնող վարձուոր «հարսներէ» ու քեռկիններէ։ Մեր կեանքին մեծագոյն զգացումը   --դուք ըսէք կիրք՝ բայց ընդարձակելով բառը դէպի իր հին իմաստը--    ամէն րոպէ ինքզինքը կը դիտէ ուրիշներուն մէջէն։ Գեղանի կնոջ մը պատկերին դէմ ատենապետը տեսեր էր ողբերգութիւնը իր տունին, զաւկին   --անդրանիկին-- հասուննալը, տարիէն հարսնիքը ու իր կնոջը սառած անկողինը…։ Սողոմին մայրը, քաղքենի կնիկէ իր խորշանքին մէջ    --ամէն քաղքենի կին առնուազն պարկեշտ պոռնիկ մըն է անոնց ըմբռնումով–, բերան չէր բացած։

 

-- Մա՞յրն է։

 

Հարցնողն էր զարդարուն կինը։ Որուն դէմքէն արգահատագին բան մը ուրուացաւ ու մեռաւ բառին հետ։

 

-- Այո՛։

 

Աճապարած էր հաճի Զաքէոսը, որ հասակին մէջ յետիններէն ըլլալուն հակառակ, խօսքի մէջ առաջնութիւնը չէր տար ուրիշի, ինչպէս կը սրամտէր տէր Մեսրոպ քահանան, երբ անոր հանդիպումն ընէր վարժարանի փողոցին։

 

Գրիգոր աղան, ծուռ, չափեց իր դիւանադպիրը, ու խոնաւ, հաստ իր շրթունքը կ’ընէր այսպէս կոկորդին տակ կազմ ու պատրաստ հայհոյութիւնը աւրելու [163] համար։

 

-- Նստեցէ ք, - ըսաւ վերջապէս հայոց առաջնորդը։

 

Անտրամադիր էր անիկա, խանգարուա՞ծ ըլլալուն իր խօսակցութեան մէջ տիկին Արման Անթուանէթի հետ, որ ֆրանսական հիւպատոսարանին հետ իր սիրալիր յարաբերութեանց կ’աւելցնէր նոյնքան սիրալիր յարաբերութիւններ լուսաւորչական հասարակութեան ականաւոր անձերուն։ Տիկին Արման Անթուանէթ Պայ, Պրուսայի կաթոլիկ հայ հասարակութեան կէս դարէ ի վեր օտարացած մէկ գերդաստանէն սերած, Ֆրանսա ուսած, բայց Արեւելքով խանդավառ կինն էր մետաքսի մեծահամբաւ տան մը կրտսեր եղբօրը։ Ախտավարակ արտաքինով, տարիքէն շատ առաջ ծերացած Պայ մը ասիկա, որ իր մեծ եղբայրներուն աչալուրջ հսկողութեան յանձնած իր մանարանը    --հօրենական բաժին–, կը զբաղէր ձի նստելով, խուլ իր ականջները դարմանելու համար տարիին կէսը Վիեննա եւ Փարիզ անցընելով, ազատ ձգած իր կինը, իր կարգին արածելու, խելքը հասած ձեւով մը։ Տիկինը, իր տարփանքներէն աւելի շահեկան էր իր տարերկրեայ ախորժակներով։ Կը յաճախէր քաղաքին հին, բիւզանդատիպ կայքերը, ինչպէս մատուռները, այազմա ները, թէքքէ ները, երկդիմի համբաւով դամբարանները, ընդունելով իր գլխուն վրայ օրհնութիւնն ու ափը շիկամօրուս շէյխերուն եւ թուխ աբեղաներուն, [164] ամենազգի ու խորապէս գրաւիչ, արու՝ ինչպէս ընդքարշող անոնց անձերուն մօտութեանը մէջ զգալով ինչ որ Արեւմուտքի ապականած դքսուհիները, պարոնուհիները կը հանէ իրենց դղեակներէն ու կը ղրկէ սա բորբոս ու սերմ հոտող բոյրերուն վայելումին։ Կ’անցնիմ արագ տիկին Արման Անթուանէթի երաժշտական հակումներէն, որոնք դաշնակէն զզուանքով մը համբաւի ելան` փնտռելու համար արեւելեան միւս գործիքները, այնքան արիւնոտ, մօտիկ՝ կիներու ջիղին։ Բայց պարտաւոր եմ ճշդել անոր բարի դրացնութիւնը, քանի որ Վանքը կը գտնուի պարտէզին հարաւային պարիսպին վրայ, նորաբաց փողոցին կէսը բռնող իր ապարանքին դէմ։ Վանքին ծառերը մեծկակ պարապ մը կը կազմէին, կարելիութիւն տալով բարձրաձայն խօսակցութեան մը վերէն դէպի վար, կամ փոխադարձաբար։ Տիկինը, այդ շրջանի իր պաշտօնական սիրահարին վրայով կապ էր հաստատած ազգային առաջնորդարանին հետ, ուր պատուակալ դպիր էր, տիկինին պէս Եւրոպա ուսած, կարեւոր հաստատութեան մը վարիչ ու նոյն ատեն պատուակալ տարփաւոր Արման Անթուանէթի։ Երաժշտութիւն, Արեւելք, կեղծ կամ իրական միսթիսիզմ, հարստութիւն, մարմնական ճոխութիւն, ջղագար առնութիւն, ասոնք բաւակա՞ն են՝ բացատրելու համար սա ժամուն, տիկին Անթուանէթի ներկայութիւնը, առաջնորդին մտերմութեանը մէջ, որպէսզի Կալաթա-Սէրայի ֆրանսական գրականութիւնը Լաֆոնթէնով կլլած մտաւորական եկեղեցականը անդիմադրելի միմիք ով մը կարդար ու բացատրէր «Ագռաւն ու աղուէսը»ին առակը, սրահներէն դուրս, մինչեւ դէմի պարտէզը հասնող իր բացագանչութիւնները հեշտախառն ակնարկով բարեխառնելով…։ Աւելցուցէք բացառիկ ալ պարագան, Սողոմին տաճկընալը, որ բանտէն դուրս ելլելով հասեր էր հիւպատոսական եւ պապական շրջանակներու։ Տիկինը ճարտար տաղանդով կը շահագործէր պատահարը, կապ մը ծառայելով ընդմէջ պապական նուիրակին եւ հայոց առաջնորդին, իրականին մէջ զարգացնելով իր իսկ կապը, բաւական դժուար որակելի։ Դժուար է ճշմարիտ պիտակով մը տարազել սա համակրութիւնը, որուն մէջ տարփավառ, անյագուրդ, գրեթէ իսթէրիք կին մը եւ ջիղերէն զարնուած, գոնէ անոնց մէկ քանի կեդրոններէն խորապէս խանգարուած այր մը իրար կը փնտռեն ճշմարիտ տարփանքի մը տենդով, բայց կը մնան հոդ, յաւիտենական խուզարկու, չանցնելով սահմանը զգայարանական խռովքին։ Եթէ տիկին Անթուանէթի ախորժակները պայծառ էին բաւական, ոչ ոք ստոյգ բան մը գիտէր պայմաններուն վրայ, որոնք սքեմ ընդունելու մղած էին, Կալաթա-Սէրայը պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած, Պոլսոյ փաստաբանական համալսարանէն վկայուած, չորս-հինգ լեզու խօսող ու գրող սա երիտասարդը։ Ի՞նչ էր գործը ասպարէզի մը մէջ, ուր ամէնէն քիչ օգտագործելի տուրքերը կը չքանային ինքնաբերաբար։ Աշխարհական անոր կեանքէն արձագանգ մը չէր հասած մինչեւ Պրուսա։ Բայց Չամիչեանի օրինակը ու, մա՛նաւանդ՝ անոր ձեռնասուն պզտիկ վարդապետին լեցուն, աշխարհիկ, փայլուն տիպարը հասկնալի կ’ընէին ան միւսները, Պոլիս ծնած, ուսում ըրած, յետոյ շատ հաւանական արկածի մը գնով, խոր ու ընկլուզող պայքարէ մը ետքը, մեռնելու համար սքեմին վազող երիտասարդները, որոնք մեր բարձր հոգեւորականութիւնը պիտի կազմէին Համիտի շրջանին։ Կրօնքի մարդ ըլլալէ աւելի՝ քաղաքական պաշտօնեաներ էին ասոնք, ու Պոլսոյ եկեղեցիները՝ անոնց համար մէյ-մէկ քէօշկ։ …Ու գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ, կիներու մարմինէն խոր զզուանք զգացող առաջնորդը կը բամբասուէր տիկին Արման Անթուանէթ Պայի հետ։ Ո՛չ քահանաները, ո՛չ խոհարարը, ոչ ալ Վանքին ծերունի սպասաւորը, դասական վստահութեամբը հանրային սպասաւորներու չհերքեցին այս զրոյցները։ Աւելի՛ն. արհեստաւոր, խանութպան ու ջրհանկիր դասն ալ բամբասանքը կը տանէր դէպի օգնական քարտուղարը, որ իր ձայնին համար (տղան «քաջոլոր ձայնի» երաժիշտներու սերունդէն էր, որ երկու դարու անցեալով մը հպարտ էր՝ ժամուն տուած ըլլալուն շարք մը համբաւեալ դպիրներ) մուշտակագործի իր խանութէն վերցուելով փորձեր էր դպրոց, աւարտեր անոր ընթացքը, ուսանողութեան շրջանին ցերեկները ուտելով առաջնորդին հետ, աւելի յետոյ՝ կարգուելու համար օգնական գրագիր խիստ պատուական, անզուգական Սուքիաս էֆէնտին։ Անշուշտ բամբասանքը միշտ բամբասանք է։ Ու դժուար է անոր հետեւիլ։

 

-- Նստեցէք։

 

- Նստեցէք, - երկրորդեց գեղանի կինը, իբր արձագանգը հայոց առաջնորդին։

 

Սողոմենց կնիկէն զատ միւսները նստան, աչքով ու յօնքով թելադրելով անոր, որ տեղ մըն ալ ինք նստի։ Ոտքի, անոր տարազը, կարճ փէշէն ատեն-ատեն նշմարուող վարտիքին խարզած մասերը, անխնամ, խճուճ մազերը կը ստեղծէին խոր ու թշուառ տգեղութիւն մը։

 

Անգուլպայ ոտքերը, կրունկներուն զառիթափէն ակօս-ակօս, սեւ ու քարացած գիծերով, այդ տգեղութեան կը բարդէին զզուագին միւս բանը, որ աղտոտութիւնն է կնկան մը վրայ, լաթերուն, սեռին աշխը։ Սպաննէիք՝ անիկա պիտի չդնէր այդ մարմինը սա աթոռներուն` հայլիի պէս փայլուն կռնակով։ Ճիշդ քովին՝ թաւիշ քանափէն, որուն կերպասին վրայ խաւերու ծփանք մը ալեկոծ բան մը կը ցոլացնէր, փոխն ի փոխ դալուկ, պղտոր կամ արենավառ։ Մեծ գորգը «կը ծփար» մաքրութենէն, ինչպէս կը սիրէին պարծենալ պրուսացի տիկինները, իրենց հանգստաւէտ տուներուն անթերի մաքրութիւնը պատմելով իրարու։ Ամէն օր անոնք խնամքով պիտի լուային տունը, բակը՝ մշտահոս իրենց աղբիւրները օգտագործելով։

 

-- Գրիգոր աղա [165], - սկսաւ հայր սուրբը ու չէր գիտեր, թէ ինչո՛ւ քահանային չէր ուղղեր խօսքը, - գիտէք հարկաւ, թէ ժամանակները որքան փափուկ են հիմա։

 

- Կատարելապէս, հայր սուրբ, - փութաց պատասխանել ատենադպիրը, կանխահոգ համաձայնութեամբ՝ ատենապետին փոխարէն, որ պարզ աղա՝ վախ ունէր լեզուով փայտ կոտրելու ու տակաւին գեղէն իշխանութիւն էր տուած քարտուղարին, իր կողմէ յարմար պատասխան ճարելու հայոց առաջնորդին։

 

-- Կատարելապէս, հայր սուրբ, - ստիպուեցաւ կրկնել ատենադպիրը հասկնալ չուզելով թթու նայուածքը վարդապետին, որ չափեր էր, վերէն ու պերճ, սա գեղացիին կտորը (ի՜նչ իմանար անիկա Պարտիզակէն ու ազգային պատմութեան դասերէն), էշէն առաջ ախոռը մտնող, ինչպէս կը սրախօսէին քաղաքացիները` պատկերելու համար խօսքի չկանչուած՝ խօսքի մտնող շատախօսութիւնը։

 

Առաջնորդը յաջողեցաւ զսպել իր տհաճութիւնը ու շրթները ծամելով    -նշա՜ն, թէ ջիղերը ճամբայ ելած էին--    շարունակեց իր պաշտօնական, դիւանագէտ ու հիմնովին պարապ փաստարկութիւնը։

 

-- Ազգային հարցերը մտած են շատ փափուկ փուլի մէջ։ Մեր յանցանքներով վրդովեցինք մեր հանգիստը։

 

Ատենադպիրը յօնքերով կը հերքէր այդ մտածումներուն արժէքը, քանի որ առանց յեղափոխական ըլլալու՝ չէր հաւատար իր ժողովուրդի մեղքին, ու Ջարդերը կը վերագրէր մեր յանցանքներէն աւելի թուրքին մշակոյթին։ Բայց խելքը ունեցաւ յօնքերէն լեզուին չիջնելու։ Օտար տիկինի մը քով խենթութիւն էր թուրքը մեղադրել։

 

-- Նոր խնդիրները, - շարունակեց առաջնորդը, - պատճառ կրնան դառնալ շատ անախորժ բարդութիւններու, խիստ ցաւալի հետեւանքներով։ Ատոր համար ալ ձեզ կանչեցի, որպէսզի տեղեակ մնամ։

 

Ու չէր անդրադառնար, որ իրաւագէտ, լեզուաբան, շատ մը յօդուածներ ստորագրող եկեղեցական՝ ինչ աստիճան թեթեւ, անիմաստ, անպէտ բաներ կ’ըսէր սա մարդոց՝ տասը ժամ հեռուէն քաղաք իջած, որոնք մոլորեալ ոչխարին առակը խօսեր էին իրարու, կառքին դադարին ու «յոյս մեծ» ունէին կորսուածը փարախ տանելու։

 

-- Դժբախտաբար, տղուն յայտարարութիւնները վճռական են եւ ասկէ յետոյ յոյս չեն թողուր, որ…

 

-- Դուք անձնապէս լսեցի՞ք զանոնք իր բերանէն, հայր սուրբ, այդպէս արտայայտուելու համար, - միջամտեց քաջարի տրիբունը, որ կ’եփէր իր աթոռին վրայ։ Կաթսաներով ճառ ու քարոզ (գեղացին քանակի նմանութիւնները կ’առնէ հարսնիքներու մեծ խալկիններէն, ուր բեռնով կը թափեն բրինձը) ու վիճաբանութիւն մամուլի էր դրած իր ափ մը գանկին ներքեւ, կրկնելու համար սրամիտ հեգնութիւն մը, որով կը ծաղրուէր երանելի ընդդիմախօսը, գեղին հիներէն։ Զուր տեղը չէ՜ր, որ հիմկու նոր ժմնուկ տղաքը Պարտիզակ կ’երթային, ատենախօսութիւն, ազգային պատմութիւն, դիւանագիտութիւն եւ լրագրամոլութիւն կը սորվէին, անուանի կամ համեստ, բազմավաստակ կրթական մշակներէ, այնքան առատ՝ այդ զարգացած գեղին մէջ։

 

Երկրորդ, բայց աւելի թթու նայուածք մը, զոր վիզի կիսոլոր ծռում մը կ’ընէր յայտնապէս սպառնալից (ատիկա կը հասկնային առաջնորդին հետ մօտէն շփուողները միայն ու կ’ընէին կարելի զիջում՝ խնայելու համար վերահաս տագնապը անոր ջիղերուն), չափեց, գամելու պէս խիստ՝ քաջարի տրիբունը, որ նայուածքին ու շեշտին մէջ գտեր էր այնքան դիւրաւ կնիքը իր անկորուստ անձնականութեան, ուրիշները ճաթեցնող ինքնավստահութիւնը, ինքնագոհութիւնը իր կարճ ու ճղճիմ արտաքինին մէջ այնքան վիրաւորող, երբ, հակառակ այդ ափ մը գանկին, պտղունց մը խելքին ու շերտ մը մարմինին (գեղացին կ’ըսէր լիւմէ, որ կը նշանակէ մորթուած ոչխարի մը կէսը) ու աղքատութեան, նոյնիսկ ատոնցմով շփացած, կը նետէր ոտքը ոտքին ու, չաթըռ-չաթըռ, փապուճ ի պէս լեզուն դուրս ձգած՝ պատասխան կու տար դեղ կուլ տուողներուն, դուք հասկցէք՝ աղաներուն, լուն վերածելուն ուղտի, ու պզտիկ, աննշան զեղծում մը կամ թերացում մը թմբուկով ծանուցանելով սրճարանէ սրճարան, կատարելապէս արժեցնելով իր սիրական տիտղոսը, աղքատին լրագիրը ։ Ճիղճ մարմինի, կեղծ խելքի սա մեծաբանութի՜ւնը։ Որքա՜ն շատ էին առիթները անոր փառքին։ Հայոց առաջնորդին ներկայութիւնը (ինք կ’առնէր տաճկական մեծ բառ մը՝ հուզուր ը [166], հեգնելու համար զայն) անշուշտ աւելի չէր արժեր, քան գայմագամին պաշտօնասրահ, ուր անիկա քոմիթա ներու խնդրին ատեն, չէր վախցեր ծառանալէ անիրաւ վերագրումներու, որոշումներու դէմ, կերեր ծեծը փառաւոր տեսակէն, ճաշակեր շաբաթներով բանտը եւ սղոցները անոր ոջիլներուն, բայց չէր դաւած հասարակաց շահուն։ «Պզտիկ մարդոց մէջ գոմշու սիրտ մը պառկեր է», ըսեր է գեղացին` ապահովաբար հաճի Զաքէոսի նման ուրիշ հերոսի մը մեծագործութիւնը առածելով։

 

-…Այնպէս որ, ձեւակերպութեան համար միայն, այսօր իսկ պիտի երթաք բանտ, տղան տեսնելու վերջին անգամ։

 

Չէր տեսա՜ծ տրիբունը։

 

-- Հարկ է ըլլալ զգոյշ, մա՛նաւանդ ճկուն, չգրգռել անոնց մոլեռանդութիւնը։ Տէրը անշուշտ իր «անհասանելի կամօք» տնօրինած է այդ ամէնը։ «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցին»։

 

-- Ամէն…, - հազիւ կրցաւ արտասանել հայհոյիչ ատենապետը, որ կը հասկնար գրաբար ու կը գործածէր հռչակաւոր նախադասութիւնը, խոր իր դժբախտութեանց եզերքին, մեղքի մը դուռը գոցելէն ետքը։ Որո՞ւ տնօրինութեամբը իր կինը պիտի իյնար այսպէս անպէտ, ցաւագար, երեսունը հազիւ անցած, երբ ուրիշներուն կնիկները, այդ տարիքէն ետքը կը սկսէին թաւնալ, աղուորնալ…

 

-- Պիտի երթաք տէր Անիքտոսին եւ մօրը հետ։

 

«Խաղաղութիւն ամենեցուն», ըսած է մեր եկեղեցին, հաւանաբար մեծ փոթորիկէ մը ետքը, որ կը զարնէր մեր ժողովուրդը։

 

«Խաղաղութիւն ամենեցո՜ւն»:

 

Անշուշտ, եթէ ատենադպիրը ըլլար սովորական սատանայ մը։ Անիկա հասկցաւ նախատինքին չըսուած մասը ու գրեթէ վիրաւորիչ շեշտով մը ճուաց.

 

-- Իսկ ե՞ս։

 

Չէր կրցած դիմանալ անարգուած տրիբունը ու ըրեր միջամտութիւնը այնքան ուժգին, որ կտոր մը թուք թռած էր նստելու առաջնորդի ճիշդ քիթին։ Անոր հերձատամներուն երկուքին մէջտեղ բնական բացութիւն մը պատճառ էր այս անախորժ երեւոյթին, որ կը կրկնուէր ամէն ուժգին յուզումի առիթով։ «Թուքոտ»ը պարզ մակդիր մը չէ, այլ խօսքի մէջ իյնալու թերութիւնն ալ կը ծաղրէ նման բերաններէ։

 

-- Դո՞ւն, ճեհեննէմ ին պուճախ ը, - պոռաց հայոց առաջնորդը, բոլորովին դուրս ինքնիրմէ, խրտչած՝ քիթը այրող թուքի պղպջակէն։ Անոր մանր երեսին (մօրուքը գրաւած էր մեծ մասը) բուսան ջղային ոլորքներ։ Մէկ յօնքը կ’ելլէր ու կ’իջնէր։ Մուշտակ իր վերարկուին մէջ անիկա նեղ կը զգար ինքզինքը, աղտին հետ շփուելու զգայութենէ մը հալածուած։

 

-- Ի՞նչ կը մտնես խօսքի, երբ քեզի բան չեն հարցներ։

 

Ու զարկաւ ձեռքը սեղանին, որուն վրայ ապակեղէն առարկաներ մանր հնչումով մը դող առին։

 

Բայց ջիղերը ելած էին ոտքի ։

 

Հրեայ խախամի մը պէս մուշտակին փէշերը իր ծունկերուն վրայ փակելէ ետքը՝

 

-- Ուրկէ՞ բերիք այս կարճ փորձանքը։

 

Կը դողար ամբողջ մարմինովը։

 

Բայց ամէն մարդ իրեն համար, հայոց առաջնորդին լեզուն ալ իրեն համար։ Ատիկա մարսելի չէր քաջարի տրիբունէն, որ, «կրակ կտրած»՝ նետուեր էր ոտքի։ Ձեռքը ընդ առաջ՝ ինչպէս Տանթոնն ըլլալու էր Ֆրանսական Յեղափոխութեան ատեն, Ազգային ժողովի սրահին մէջ, ինքզինքը ամբողջութեամբ թեւ մը, մատ մը ընելով, ծանր բառերը առատ թուքով մը եղելով, որպէսզի «աւելի փափուկ կլլուէին», անիկա յայտարարեց.

 

-- Դուք չունիք իրաւունք նախատելու ժողովուրդի ոեւէ անհատը, նոյնիսկ ամէնէն աղքատն ու համեստը։ Ու չունիք մա՛նաւանդ իրաւունք այսպէս հրապարակաւ, յատենի ժողովոյ վիրաւորելու ազգային պատուիրակութեան մը անդամը։ Դուք Ազգային Սահմանադրութեան շատ բացորոշ մէկ յօդուածովը ծառան, սպասաւորն էք ազգին, ու երբեք՝ անոր տէրը։ Նախագահը անոր ժողովներուն, գործադրիչը՝ այդ ժողովներու որոշումներուն եւ ուրիշ ոչինչ։ Ի կարգ կը հրաւիրեմ ձեր ամբարտաւան մեծամտութիւնը [167] ։ Չարաչար կը սխալիք, երբ կը յաւակնիք ոտնակոխ ընել ժողովրդեան իրաւունքները ու ձայնը։ Իսկ անորակելի է ձեր վարմունքը մարդեր վիրաւորելու յանցանքներո՛ւ համար, որոնք Աստուծմէ կու գան։ Կը բողոքեմ, պաշտօնապէս, ի ներկայութեան արժանահաւատ սա վկաներուն ձեր այդ տգեղ, տմարդի, կոշտ յանցանքին համար։ Կը բողոքեմ մինչեւ ազգային պատրիարքարան եթէ հարկ ըլլայ։ Ի վերջոյ՝ ո՛վ կը կարծէք դուք ձեզ։ Իմ հայրը Բարթողիմէոս սրբազանն անգամ յարգանքի կանչած է մեր իրաւունքներուն ու չէ վճարած, իր գանձապետութեան օրով, մուգատա ները, որոնք ժողովուրդին քսակէն բռնի կորզուելով եկան սա մարմարները փռելու ձեր թաւշապատ, ծաղկեպաճոյճ հողաթափներուն։ Մեռած չէ որդը [168] սա ազգին սրտէն ու դուք պարտաւոր էք հաշուի առնել անոր սաստն ու զայրոյթը։ Պարտաւոր էք ետ առնել ձեր նախատալից յայտարարութիւնը, սակայն։ Ես Պարտիզակի վարժարանը աւարտած եմ եւ դաս առած ազգային պատմութիւն, մա՛նաւանդ վերջին շրջանի, ամիրայական բռնակալութեանց անհատնում շարքը բազմավաստակ ուսուցիչ Գ. Մխալեանէն ու կատարելապէս տեղեակ եմ ազգային պաշտօնեաներու որոնցմէ անարժաններէն մէկը կը մնաք պարտքին եւ իրաւասութեանց։ Մենք եկած ենք ձեր պաշտպանութիւնն ու խելքը փնտռելու մեզ խոցող հարցի մը մէջ եւ դուք մեզ կը նախատէք։ Ասիկա լրումն է ապօրինութեանց։ Բացարձակապէս կը բողոքեմ այս արարքին դէմ։ «Բիւզանդիոն» ի մէջ դուք կը կարդաք իմ բողոքը եւ կը ստանաք ձեր ջախջախիչ պատիժը միւս ուսուցիչէս, որ կը խմբագրէ «Մանզումէ» ն, նոյնքան մեծահմուտ դաստիարակ, որքան կորովի հրապարակագիր։

 

Նստաւ անիկա, ծունկը ծունկին վրայ։ Դեղներ էր։ Ու շրթներու անկիւնակապին փոքր պղպջակները բարակ ջուրի էին վերածուեր։ Հռետորական այս ելոյթը տարօրէն խոտոր կը համեմատէր անոր դէմքին քիչ մը չուառ արտայայտութեան։

 

-- Լսեցի՞ր [169] ։

 

Խուլ, հազիւ լսելի սա ձայնին հետ հայոց անարգուած առաջնորդը մատին ծայրովը դպեր էր կոճակի մը։

 

Դուռը բացուեցաւ։

 

Սեմին, դուռին վերջամասը շօշափող հասակով՝ հսկայ մը։

 

Տաճիկ ոստիկանի համազգեստը զայն կ’ընէր, առանց այդ նուաճող մարմինին, ինքնին ահարկու՝ որքան անդիմադրելի, հեռուէն անգամ։ Ձեռքերը փորին, աչովի փնտռեց ու թափանցեց։

 

Խոնարհութիւն մը։ Ու անցաւ առաջ։ Հայր սուրբին աչքը զայն կ’ուղղէր դէպի քաջարի տրիբունը։ Անիկա կռնակին կողմէն մատը անցուց ատենադպիրին օձիքին ու հանեց ոտքի։ Հայր սուրբը շարժեց կէս դէմքը։ Բարապանը, առանց ձայնի, մեղմ, հրեց տրիբունին թիզ մը հասակը դէպի ետ ու ելաւ դուրս։ Իր հսկայ թեւերուն մէջ կորսուած էր փոքր մարդուն «կանգուննոց» հասակը։

 

Ակնթարթային սա արագութիւնը, աղմուկի եւ ընդդիմութեան պակասը բացատրելի էին տարազին ուժովը։ Առաջնորդները, թուրքերու յանձնարարութեամբ, կը գործածէին այդ գաւաս ները, որոնք անոնց կառքերուն առջեւ կառապանին քով կը դնէին իրենց այդ հսկայ, համազգեստաւոր իրանները, երբ գործով իջնէին կառավարատուն, եպիսկոպոսին, հայր սուրբին ասան ամուր բռնած իրենց թեւերուն։ Ոստիկանին սարսափը ա՛լ մտած էր բարքերու մէջ։ Հաճի Զաքէոսը չըրաւ ընդդիմութիւն, վասնզի փորձն էր առած այդ ուժին, ուսումնակից ուրիշ պարոնի մը հետ, հանրահռչակ Գրիգորին, որ քաջածանօթ էր իբր ընդդիմադիր, Պարտիզակ ըրած՝ հաճիին պէս, հետեւաբար, պատմագիր, ազգասէր, ու նմանութեան կատարելութեան համար ալ՝ անոր պէս թուքոտ (ակռաները թափած էին չբուսած) ու յաւիտենական թեկնածու հոգաբարձութեան, պաշտօն, զոր կը վարէր առ առաւելն երկու ամիս, մեծադղորդ հրաժարականով մը վերադառնալու համար քննադատի իր ընդդիմախօսութեան։ Ան ալ կերած էր ծեծը, քոմիթա ներուն խնդրին մէջ, բաւական տպաւորիչ ելոյթէ մը վերջ, ու զգաստացած։

 

Դուռը գոցուեցաւ։

 

Ներկաները սառած էին։

 

Բայց աւելի ողբալին, ջիղերը առաջնորդին, որոնք «չէին գոցուեր», մանր անոր երեսին փոթ-փոթ գիծեր կազմելով եւ կոպերը հաներ էին անգիտակից բաբախումի, չարագուշակ՝ ձախ աչքին վերեւ ըլլալուն։ Ու անոնց ճեղքէն ցաւագին արիւնի մը մէջ բռնուած կ’երեւէր ճերմկուցը։ Պատուիրակութեան միւս անդամները չունեցան համարձակութիւն շարժումի՝ ինչպէս խօսքի։ Ատենապետը, սա «սրբազան» զայրոյթին դիմաց, սաւանի ծաւալով իր թաշկինակը հաներ էր մէջքէն ու դրեր ճակտին, «կալ մը» երեսներուն, զետեղելու համար զայն մէկէ աւելի վիզերուն տակ «ջուրը ծծելու»։ Ծով քրտինքի մէջ էր ան։

 

Տիկինը, առանց շուարման ու կիրքի, ելաւ ոտքի։

 

Կը թուի, թէ ծանօթ էր բաւական այդ «միջավայրին», վասնզի կանանչ ծածկոյթով մեծ սեղանի մը գզրոցէն [170], իբր թէ իրը ըլլար, հանեց փոքր սրուակը ու երկարեց, կիսաժպիտ, կարեկցուն, օծուն՝ [171] մեծաքիթ եկեղեցականին, որ աչքերը խուփ՝ անոր սիրուն ու նրբին ճիտիկը դրաւ ռունգերուն, [172] կիսովի այսպէս հակած անոր գլուխին վրայ։ Պատուիրակութեան մնացեալ անդամները նո՞ր տեսան սեւ թաւիշէ գդակը, զոր կը զարդարէին զմայլելի աղաւնեակներ, կտուց կտուցի, սիրուն բոյնի մը եզրին, որուն խորէն երկու հաւկիթի կիսագնդիկները կը ճերմկէին թեթեւօրէն կապտաւուն…։ Ո՞վ էր բանած այդ թռչնիկները, մա՛նաւանդ անոր կտուցները իրարու հիւսող լքումին, մատուցումին [173] մէջ դրած անթարգմանելի, բայց տարօրէն իրաւ այն խռովքը, որ շինական քահանային ողնուղեղն իսկ թափանցեց։ Թաւիշին միւս մասերուն՝ պարտէզ, որսորդ, հրացան…։ Դիտելու լայն ժամանակ ունեցող անոնց աչքերը գլուխէն ինկան ոտքերուն, որոնք նոյն թաւիշով, ուրիշ զարդով հողաթափներ կը կրէին։ Ու խեղճ տէր Անիքտոսը, տուն մը զաւակով (ինք կը նայէր չորս աղբարներուն բանակ մը ճիժերը) ու աննախանձ բարութեանը հակառակ, չկրցաւ չտեսնել իր ալ հողաթափները, որոնց երեսը հաներ էր ձեռքովը, բզիկ-բզիկ, նետուած կապերտի մը կտորներէն, տէրտէրութեան առաջին տարիին ու կը նորոգէր ամէն Կաղանդի։

 

Դուռը կրկին բացուեցաւ։

 

Բարապան հսկան, ձեռքերը պատուի դիրքով։ Առանց բառի։ Առաջնորդարանի բարքերէն, սա լո՜ւռ տեսարանները։

 

Եկած էր հրահանգ առնելու. բա՞նտ, թէ վտարում։

 

Առաջնորդը, հանգչած, տուաւ սրուակը տիկինին։ Միւսները շունչ առին։ Թեթեւ խաղաղութիւն մը կ’ողողէր անոր դէմքը։

 

Ջարդերու արդիւնք, ազգէն կողոպտուած հեղինակութիւնը անցեր էր անոր կրօնականներուն, որոնք ամիրայական օրերուն հոգեբանութեամբ մը տարին ազգին գործերը բռնակալութեան շրջանին, կռթնելով կառավարութեան ու անգիտանալով իրենց լքուած ժողովուրդը։

 

Պրուսայի առաջնորդը դաւաճան մը չէր՝ ինչպէս սովորութիւն է որակել իր նախորդը։ Բայց վաւերական ջղագար մը, որ իր զոհողութիւնը պիտի չներէր իր ժողովուրդին։ Իր կրթութիւնը, պոլսեցիութիւնը մոռնալ չկրնալով ու փաստաբանական բարքերով վարեց իր հօտը, երբ կարիք կար ուրիշ տուրքերու, ամէնէն շատ ցաւի հանդէպ բաբախուն հոգիի, խաւարամած սրտերը պահող ու լաւ օրերու յոյսը անվթար պահող։ Նուիրեալ եկեղեցականի պակասը նոր օրերու մեր պատմութեան յաճախակի երեւոյթներէն մէկն է։

 

Անիկա հրաման ըրաւ իր բարապանին հեռանալ։

 

Դուռը գոցուեցաւ նոյն երկիւղածութեամբ։

 

Այս «ցաւալի միջադէպէն» քանի մը վայրկեան յետոյ, հայոց առաջնորդարանին մէջ «կատարեալ անդորրութիւն կը տիրէր», ինչպէս կը տիրէր Պոլսէն տրուած պաշտօնական զեկոյցէն տասնհինգ կառավարութեանց մօտ։

 

Ազգին պետը, անշուշտ քրիստոնէական անյիշաչարութեամբ, փափկանկատ եղաւ «ցաւալի միջադէպը» իր բնական հետեւանքին չառաջնորդելու։ Իր բարձր կրթութիւնը զինքը կ’ընէր վեր մանր քէներէ։ Անիկա առիթը շահագործեց ողբալու մեր ցեղային անիշխանութեան վրայ, որ մեզ իրարու դէմ կը վերածէ առիւծի, բայց օտարին շուքէն իսկ՝ լեղապատառ փախստականներ։ Հայոց առաջնորդը, իր անձէն անկախաբար, նուիրապետական իմաստ մը կը ներկայացնէր, զոր այս ժողովուրդը գնահատելու պարտքը ունէր, օտարներու զօրաւոր կարգապահութեան դիմաց։ Անիկա օրինակներ բերաւ հրեաներէն, յոյներէն, նոյնիսկ անգիր ալպանացիներէն, կուսակալութեան մէջ բազմացած հորդաներ, որոնք մոգական հրամանով կը հնազանդէին իրենց մեծերուն։ Այսպէս պիտի փակուէր այս «ցաւալի միջադէպը» (տիկին Անթուանէթի տարազը), որ անտեղի կերպով ընդմիջած էր բարձր ու հրատապ աշխատանքը հաւաքական տագնապին։ Խօսելու վերսկսած պահուն հայր սուրբին ջիղերը մեղմ էին, գարնան հովէ անցած ծիլերուն նման։

 

-- Տէր հայր, դուք ալ գիտէք, որ նմանօրինակ խնդրոց մէջ մեր ձեռքէն ոչինչ կու գայ։ Ժամանակները այնքան դժուարացած են։ Թող վկայէ տիկինը, որ ճիշդ նոյն խնդրով ուղարկուած է տեղւոյս [174] ֆրանսական հիւպատոսին կողմ է ։

 

-- Դժբախտաբար, - խօսք առաւ տիկին Արման Անթուանէթը ձայնով մը, որ կը ջանար հայ մնալ, բայց խաթարուած էր խորապէս ֆրանսական շեշտէն, - թուրքերու մոլեռանդութիւնը գրգռուած է չափազանց։ Ու, [175] chose à retenir, դուրսէն միջամտութիւն, մա՛նաւանդ լատինական նուիրակէն, կարծես կը հրահրէ այդ զգացումը անոնց մէջ։ Մոնսէնեօռ Բէռիէն անգամ, հակառակ իր խոր տարիքին եւ սրբազան դիրքին, տեսակ մը նախատինքի ենթարկուեցաւ այս խնդրոյն մէջ իր ցոյց տուած քրիստոնէական հետաքրքրութեան համար։

 

-- Դուք չէք ճանչնար մոնսէնեօռ Բէռիէն, - միջամտեց առաջնորդը, -տեղւոյս [176] լատին հասարակութեան մէջ խիստ յարգուած արքեպիսկոպոս մըն է ու նոյն ատեն ներկայացուցիչը սրբազան Պապին։

 

Կ’ըսէր այսպէս, հաճոյք պատճառելու համար տիկինին, որ նման ամէն կաթոլիկի, հոգեւորականներու գովեստը կ’ունկնդրէր երկիւղած։

 

-- Ու հակառակ այս հանգամանքներուն, չէ ընդունուած կուսակալէն։

 

-- Ներողութի՛ւն, - համարձակեցաւ վերջապէս թաղականութեան ատենապետը, - մեր պատրիարք սրբազանը բան մը չկրցա՞ւ ընել…

 

- -Մեր պատրիարք սրբազանը այնքան մեծ է փորով, որ այս տեսակ փշոտ հարցերու մէջ զգոյշ է իյնալէ։

 

Ու անդրադարձաւ, որ քիչ առաջ իր դատապարտած թերութիւնը ինքն էր, որ կ’ընէր իր մեծաւորին հանդէպ։

 

-- Կուսակալը մօրմէն ու տաներէց քահանայէն զատ ուրիշ ոչ մէկուն չի թոյլատրեր մօտենալ տղուն։

 

-- Ո՞ւր է հիմա տղան, - հարցուց յայտնի վախով շինական տէրտէրը, որ վերյիշեր էր պապ բառը, Խորէն Նար-Պէյի Կրթական էն։ Ծեծ էր կերած այդ դասը սորված չըլլալուն ու այդ ցաւին մէջ անիծած՝ բոլոր պապերը։

 

-- Բա՛նտը։ Ո՛ւր ըլլայ։

 

-- Բա՞նտը։ Հապա ըսին պալա՞տը։

 

Մայրն էր, որմէ սա ձայնը անակնկալ, որքան միամիտ, չես գիտեր ինչո՛ւ յուզեց գեղանի տիկինը։ Անիկա չախորժեցաւ բացատրութենէն, որ հայր սուրբին զգուշաւոր քաղաքականութիւնը կը յատկանշէ, պալատը կառավարական պաշտօնատուն թարգմանելով։

 

-- Ըսին ազատ է, պալատի մէջ…

 

Կրկնեց մայրը։ Ներկաները զգացին, որ միայն անոր ձայնին մէջ կար սրտաճմլիկ, խորապէս յուզիչ շեշտը։ Ուրիշները՝ օտարներ։ Մայրը՝ մայր։

 

-- Հիմա ոչ, տիկին, բայց պիտի ըլլայ, ինչպէս կ’երեւի։

 

Միջամտողն էր տիկին Անթուանէթը` աչքերը կեդրոնացնելով մօրը աչքերուն, որոնք չէին նայեր։

 

-- Պիտի ըլլա՜յ։ Ե՞րբ։

 

Միամիտ, որքան տխուր սա հարցականը մնաց անպատասխան։ Վարանումը հոգեկան պահանջ մըն է «ինչ-ինչ պարագաներու»։

 

-- Առանց ատոր չունի ազատում։

 

Տիկինն էր նորէն, որուն մէջ անորդի մօր մը տառապանքը թարմացեր էր յանկարծ։ Մեր միտքին քմայքներէն մէկն է սա արագութիւնը, պատշաճեցումի դիւրութիւնը։ Ան ինքզինքը տեսեր էր զաւկի տէր, բերած զայն մինչեւ Սողոմին տարիքը ու այսպէս ստիպուած, իր ձեռքովը զայն թուրքերուն յանձնելու։

 

-- Այո՛, չունի, - հաստատեց հայոց առաջնորդը, յանկարծակի շրջումով մը, տրտմելով աւելի՝ քան տարողութիւնը իր դիմակին։ Հակառակ իր «շնորհին» (այս բառով անիկա կը հասկնար զոհը իր անձին) ու փաստաբանական կրթութեամբ մը պայմանաւոր աներեսութեան, արդիականութեան, հայր սուրբը իւրացուցած էր ասպարէզին խոշոր գիծերը։ Առանց կեղծաւորներ, ցուցարարներ (poseur) ըլլալու, եկեղեցականները իրենց լայն գրպաններուն մէջ կը պահեն մէկէ աւելի դիմակներ։ Ցաւակցութիւնը, սփոփանքի կիսատրտում ու մեղմ ու օծուն ու վայելուչ կեցուածքը այդ դիմակներուն ամէնէն տպաւորիչը կը մնան։ Հայոց առաջնորդ հայր սուրբը, աւելի վերջը եպիսկոպոս, Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահ, «լցեալ աւուրբք», անպաշտօն քարոզչութեան շրջանին անգամ հաւատարիմ պիտի ըլլար երիտասարդական իր առաքինութեան, հովանոցը անութին՝ չափչփելով Բերայի եւ Բանկալթիի փողոցները, դուռնէ դուռ հարցնելու համար որպիսութիւնը տիկիններուն, անշուշտ քիչ անգամ ներս մտնելով, ու անոնց փորին վիճակին ու տեռատեսութեան աստիճաններուն մասին ապահովիչ լուրեր առնելէ ետքը միայն, ինքզինքը հանգիստ ու երջանիկ պիտի յայտարարէր…

 

-- Տաճկընալով կ’ազատի՞ [177] ։

 

Մայրն էր կրկին, որ հրաշքով կը հասկնար իրեն գրեթէ օտար սա լեզուն, որ տիկին Անթուանէթի բերնին մէջ կը պղտորուէր ֆրանսական շեշտով եւ կը կնճռոտէր առաջնորդին ալ խռուաթել մօրուքէն [178] կիսովի ցանցուելով։

 

-- Ի հարկէ կ’ազատի։ Ու բան մըն է ատիկա։

 

-- Ի՞նչը, - հարցուց մայրը, իյնալով նորէն գեղացիի իր թանձր անհասկացողութեան մէջ։

 

-- Ապրիլը, տիկին։

 

-- Ապրի՞լը։

 

Լարեց անիկա աչքերը։ Խորունկէն բան փնտռողի սա արձանացումը տպաւորիչ էր սակայն։ Փնտռա՞ծը։ Անշո՛ւշտ բառ ու տարազ, որոնք մարզանքի կը հնազանդին։ Խո՞րքը։ Անիկա անմահ է այդ ուղեղներուն մէջ, որոնք երբեք մտածում չփնտռեցին։

 

-- Որո՞ւ համար ապրի իմ զաւակս։

 

Գեղացի կնոջ սա հարցումն ալ անոնցմէ էր, որոնք դիւրաւ պատասխան չեն ունենալու։

 

-- Տաճկընալով ապրի՛լ, հա…

 

Չշարունակեց։ Անոր տառապած հոգիին վրայ նորէն խուժեր էր ամպը ամօթին, որ կը զարնէ տաճկըցող տուները։ Ով գիտէ պատմական ի՜նչ ողբերգութիւններ մեկնակէտ են ծառայած այդ աւանդութեան։ Իրողութիւն է, որ կամաւոր կամ բռնի մահ մը տասն անգամ աւելի նուազ վիշտ կը պատճառէ մնացողներուն, քան տաճկընալը։ Կսկծագինը՝ ապահովաբար սերմին ենթադրական տաճկութիւնն է, որ «կը քաշէ»։ Գեղացին կը կառուցանէ նախնական երեւակայութեան մը ազատութեամբը ու կը շինէ հեքիաթ։ Սողոմենց կնի՞կը։ Անիկա թուրք անունին տակ, թաղերու մէջ լէպլէպի ծախող թշուառ մարդեր միայն կը ճանչնար։ Պէյն ու փաշան հեքիաթին կը պատկանին։ Ու ամէն հեքիաթ թագաւոր, իշխանազուն եւ իշխանուհիներ ունի, որոնց վրայէն ազգութիւնը վերցուած է ճարտար խաղերով։ Այս անանձնութիւնը, տարտամը, նաեւ իրականութեան մէջ, թուրքերու թափանցումին երկար ատեն փակ մնացած մեր գեղերուն համար, որոնք, բնութենէն կամ իրենց խելացի պետերէն լաւ պաշտպանուած, չէին ճանչնար զայն։

 

-- Օղորմած հոգի, ո՛ւր ես։

 

Կը կանչէր էրկանը հոգին, զոր սա ստորնագոյն նախատինքը գերեզմանին խորն ալ գտնելու էր։ Ու չէր գիտեր, թէ այդ հոգին մնացեր էր լուռ, ամիս առաջ, երբ իր Սողոմը ոճիրի եզերքին, ծնրադիր անոր հողքին, ըրեր էր գրեթէ նոյն բառերով սա սրտառուչ ու ահաւոր հարցումը։ Գերեզմանը լուռ էր մնացած։

 

Չլացաւ սակայն, վասնզի, թուլութեան, տկարութեան փոխարէն, պինդ, բիրտ բան մը «կրակի էր բռնած» անոր հոգին։ Ամբաստանութիւնը միշտ հետք մը կը թողու իր ետեւէն։ Ու անմեղութիւնը մեր աչքին, լեռներու ձիւնին, որ չունի կշիռ ամրան տապերուն։ «Զոյգ կրակի» մէջ անիկա։ Ու խղճմտանքին խորերը ձայն ելաւ ուրիշ ալ զգացումներէ, արագ, մարդկային, մշուշոտ, որոնց թելերովը հիւսուած է կտաւը մեր անցեալին։ Տիրացուն, ժամը, մեղքը, հայ-քրիստոնեայ յղացքը, որ ամէնէն դիմացկունն է մեր կիներուն զգացական խաւերէն, մեռելները, երկի՛նքը։ Ասոնք բառ չեն միայն, այլ՝ հազար-հազար զգայութիւններու տեւական կրկնում մեր ամէն մէկուն մէջ։ Աւելի՞ն։ Անշո՛ւշտ։ Անսփոփ կսկիծ մշտնջենական կորուստին։ Գեղացի կնոջ համար մահը կարճ բաժանում մըն է, երբեմն անբաժան սիրոյ սկիզբ մը։ Եղած են հարսներ, որ տարիներով գերեզման գացած են, իրենց «գլխաւորին» հողքին, լացած, կանչած են պառկողը ու ապրած իրականէն վեր ուժգնութեամբ մը անոնց ուրուներուն հետ։ Տաճկընա՞լը։ Մահն է ատիկա անվերադարձ։ Սողոմենց կնիկին տղան մեռած էր սա աշխարհին մէջ։ Ու մեռած մա՛նաւանդ անդենականին համար։ Ընտանիքը երկինքին մէջ վերակազմելու երազը ամէնէն սրտառուչն է գեղացիին ցանկութիւններէն։ Մենք մեր զգայնութիւնը փոխադրած ենք երկինք։ «Հանգստեան կարգ»ը մեր շարականներուն ամէնէն սրտառուչն է, ինչպէս անուշը։

 

-- Հոգին կ’ազատէ՞ք [179] ։

 

Հարցուց անիկա, իջնելով երկինքէն, էրկանը քովէն, սա մարդոց, որոնք չէին կրնար գիտնալ, թէ ո՛ր բարձունքներէն կամ անդունդներէն կը փրթէր սա հարցումը։ Ու թերեւս ատոնցմէ ո՛չ ոք համարձակեցաւ ուղիղ նայիլ անոր աչքերուն, որոնք բացուեր էին արտակարգ պայծառութեամբ` ստեղծելով այդ գրգլեակէն՝ մէ՛կը մեր ցեղին անհաս խորհուրդներէն։ Հիմա, հերքումի դար, մենք չենք գտներ մեր պապերուն ճամբան ու կը զարմանանք` պատրուելով մեր զարգացումէն, օտար լեզուներու եւ աշխարհներու ծանօթացումէն։ Ու չունինք խելքը մտածելու տարրերուն, որոնք մեր ցեղին հոգին հաւաքեցին։ Հոգին ազատելը մէկ զանակն է ապահովաբար անկորուստ այն զգայութեանց, որոնց ամբողջութիւնը կը յօրինէ մեր պատմիչներէն այնքան հեշտագին հեռանկարուած երկնաբաղձութիւնը։ Ոչ մէկ ժողովուրդի մօտ այս կարօտը գտած է գիծի, արտայայտման սա ուժգնութիւնը։ Մենք կ’ապրինք ոչ թէ մեր աշխարհին համար, կամ մեղքէ խուսափելու քիչ մը վաճառական հաշիւներով, այլ կ’ապրինք օր առաջ հասուննալու համար երկինքին վայելումին։ Ու մեր նահատակութիւնը ատով կը զատուի ուրիշներէն։ Ամբողջ ցեղը խառնուած է այս մտալլկումին։ Մեր անցեալը այդ վիճակին վարագոյրները կը փոխէ, դար է դար։ Ու նորագոյն օրերուն, այդ զգացումը նորէն գերակշիռ հանդէսը կու տայ մեր կարելի ցեղամոյնքին։ Այս ամէնուն հետեւանք, կենդանի մեր մէջ՝ զզուանքը օտարին կրօնքին։ Ուրկէ՞ սա յամառութիւնը, երբ հակառակ այսքան յուսախաբութեանց, զոհերու՝ մեր ցեղը կը պահէ այլամերժ իր կեցուածքը սա մարզին վրայ։ Հին ու նոր մեր հերձուածները փաստ են զգացական [180] այդ միութեան, ու չեն հերքեր մեր անհուն ըղձանքը աւելի լաւ, աւելի հայ Աստուծոյ մը գիւտին, որով միայն իր լրումը, երկինքին մէջ իր խաղաղութիւնը կը հետապնդէ մեր հոգին։ Դիտած ունի՞ք մեր տարօրինակ օտարասիրութիւնը, որ կը յայտնուի հիւրի հանդէպ անվերապահ համակրանքով։ Մինչ զզուանքով կ’ատենք օտարին կրօնքը, գրեթէ կը սիրենք անոր մարդկայնութիւնը։ Մահուան, սիրոյ, զաւկի, հացի ու արքայութեան պապակին գիծովը զգացում մըն է մեր մէջ այդ զզուանքը օտարին կրօնքէն։ Ու ասիկա հասարակաց ալ է։ Զայն կը հասկնան մեր իմաստունները՝ ինչպէս պարզերը։ Քիչ տարազ աւելի հարազատութեամբ կարող է թարգմանել ցեղային մեր գիտակցութիւնը, քան ինչ որ ըրած է մեր կրօնական խրտչումը ուրիշէ։

 

Կրնայի՞ն, սա մեծ-մեծ մարդիկը, «հոգի ազատել»։

 

Ու սրտառուչ էր այդ մայրը, վիշտէն վեր ուժով մը։

 

Անոր հարցումէն նեղուա՞ծ՝ սա քնքուշ տիկինը, իր մարմինը արածող այնքան գիտութեամբ, որ կը հաւատար մեղքին, բայց նոյն չափով ալ վայելքի իրաւունքին ու բազմաթիւ պատարագներ քաղել կու տար երկու եկեղեցիներուն ալ մէջ (հայ-կաթոլիկ եւ լատին) անոր քաւութեան, ու խոր զուարթութեամբ կը դիմաւորէր զայն, հոգին ազատելու հարցը վստահելով ուրիշներու, վարձուած բերաններուն՝ ինչպէս բաշխուած ողորմութիւններուն։

 

Բայց հարցումէն նեղուած ըլլալու էր հոգիներու մեծ պաշտպանը, Աւետարանէն սահմանուած «քաջ հովիւը», որ փոխանակ «զանձն իւր դնելով ի վերայ ոչխարաց», ամէն Կիրակի ժամուն բեմէն, տաճիկին լեզուովը պիտի բարբառէր հզօր պատգամը հոգիին շահին, վաստակին։

 

Անոնք լռեցին։

 

-- Յիսուս Քրիստոս, դո՛ւն հասիր զաւկիս։

 

Ու կաթեց արցունքը։ Թուլացումը սկսեր էր։ Անոր թշուառ մարմինէն հեռացած էր քիչ առաջուան բրտութիւնը։

 

-- Կ’ուզե՞ս, որ կախուի տղադ։

 

Հարցնողն էր հայոց առաջնորդը, որուն անդորրուն ջիղերը կրնային խռովիլ սա արցունքէն։ Դեռ Պոլիսէն՝ անիկա կ’ատէր պառաւները, անոնց լալկան աչքերուն ու շատ ուտող, շատ գիտցող բերաններուն համար [181] ։

 

-- Ինչո՞ւ կախեն։

 

Չենք հաւատար մահուան։ Ամէնէն քիչ՝ մայրերը։

 

-- Մարդ սպաննած է։

 

-- Ո՞վ է ըսեր։

 

Ամէն ջանք կ’ընենք չհաւատալու ոճիրին։ Մայրերը երբեք պիտի չընդունին ոճրագործներ ծնած ըլլալ։

 

-- Ինքը։

 

-- Ի՞նքը։

 

-- Այո՛։

 

Կախեց գլուխը։ Լճացած արցունքը, տակաւին քանի մը կաթիլով, յամառեցաւ։ Անիկա ափին վերնամասով սրբեց այդ թացութիւնը ու յանկարծ, քիչիկ մը գտած իր հեստութիւնը՝

 

-- Կը կախե՞ն մարդ սպաննողը։

 

-- Հապա ի՞նչ կ’ընեն։

 

-- Բանտ կը դնեն։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Ժամանակը կու գայ, թող կու տան։

 

-- Քու տղադ երկու հոգի սպաննած է։

 

-- Մեր գեղէն Նեպենց Ակոբին տղան ալ երկու տան ճրագ մարեց։ Հիմա կը պտտի։

 

Ճիշդ կը խօսէր թշուառ կինը։ Առաջնորդին աչքէն անցաւ մարդասպանին հայրը, որ [182] գեղի մեծերուն գիրովը, [183] երկու տարի առաջ ներկայացեր էր իրեն ու աջակցութիւնն ու խրատը պահանջեր իրմէ։ Հօրը տառապանքէն ընկճուած, ազգին պետը չէր խղճահարած խնդրարկուն իր այցեթուղթովը յանձնարարել քաղաքին մեծագոյն փաստաբանին։ Այսպէս է շինուած մեր կեանքը։

 

-- Տղուդ պարագան անոր չի նմանիր։

 

-- Ինչո՞ւ չնմանի։

 

-- Չի նմանիր։

 

Կեցան ` չուզելով երթալ աւելի առաջ։ Բայց լռեցնելու համար սա անախորժ խօսակցութիւնը, որմէ կը նեղուէր գեղացիէն խորշանք զգացող մարդու իր դիւրազգածութեամբը, որքան արցունքին «խոնաւ համէն». աւելցուց.

 

-- Քոմիթա ալ խառնուած է գործին։

 

-- Իմ տղաս ի՞նչ կապ ունի այդ քոմիթա յին հետ։

 

-- Ունեցե՛ր է։

 

Ձայնը խիստ։ Յետոյ՝ աճապարոտ, լեզուանի գրեթէ, որ զարմացուց լսողները.

 

-- Աստուածնիդ սիրէք, ըսէք ինծի, ի՞նչ է ադ քոմիթա անունով բանը։ Կ’ըսեն, կ’ըսեն ա՛տ կ’ըսեն, ու կը լռեն։

 

Նստողները նայեցան իրարու երես, գրեթէ վախով։ Այդ կինը չէր կեղծեր, չէր կրնար։

 

-- Տիկի՛ն, - միջամտեց Արման Անթուանէթը, - ցաւալի, շատ ցաւալի է քու վիճակդ։ Ամէնուս ալ սիրտէն արիւն կ’երթայ։ Բայց ի՞նչ կու գայ մեր ձեռքէն։

 

-- Ձեր ձեռքէն չեկածը չկայ։ Դուք մեր ազգին մեծերն էք։ Ինծի ըսին, որ մեր առաջնորդին լեզուն չուանէն մարդ կ’առնէ վար։

 

-- Ո՞վ ըսաւ։

 

Առաջնորդն էր, թեթեւ քմծիծաղով։

 

-- Նեպենց Ակոբը։

 

-- Սխալ են ըսեր, տիկի՛ն, - աւելցուց հանդարտ։

 

-- Շիտակն է մէջտեղը։ Չուանին հետ մարդ չ’իյնար։ Ըսողը բան մը գիտէ, որ կ’ըսէ։ Տղան կը պտտի։ Հաճի Արթինը քանինե՜ր վար առած է… կը պատմէր մամաս։

 

-- Գացի՜ն, իրկուն եղան ան օրերը։

 

Լռութիւն, որ եղերական պրկումով մը իրարու կը մօտեցնէր բոլորին ալ մտածումը։

 

-- Այն ատեն դուք ըսէք, ո՞ւր վազեմ ես։ Որո՞ւ բանամ սա անտէր սիրտս։

 

Հակառակ յուզումին խորութեան, անոր աչքերը պահեցին իրենց արիւնոտ չորութիւնը։ Ու պարզուեցաւ, որ ամէնէն թշուառ այդ կինը տիրական էր բոլորէն աւելի։

 

-- Կեցիր, - ձեռքը առաջ նետելով, որուն մատերուն վրայ շատ մը շողիւն կը փրթէին ու կը շինուէին, - կեցի՜ր։

 

Անիկա զսպեց իր բերնին վարանքը ու ըսաւ.

 

-- Ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ Աստուծոյ կամքովը յանկարծակի պառկէր հիւանդ ու մեռնէ՜ր…

 

-- Մեռնէ՜ր։

 

Մտածման թէ վախի շրջանի մը մէջ, անոր բիբերը եղան սեւեռուն ու խոր։ Կարծես անոր մէջէն ուրիշ մը ձայնեց իր տեղը.

 

-- Ո՞վ է դիմացեր հոգէառին։

 

-- Դուն ես ըսողը, տեսա՞ր։

 

-- Խաթո՛ւն, խաթո՜ւն, մեռնիլը մեր պարտքն է։ Ես չորս տղայ թաղեր եմ։

 

-- Այն ատե՞ն։

 

-- Թաղեր եմ պզտիկ։

 

-- Ուրի՞շ է մեծը։

 

-- Գիտե՞ս ինչպէս կը մեծնան տղաքը։ Հարկա՛ւ ուրիշ է։ Աւելի՛ն կայ. աս չորնալիք ձեռքովս ես հողին եմ տուեր անոնց պապան ալ։

 

-- Դուն ես ըսողը։

 

-- Ես եմ։ Դրի, հայ-քրիստոնեայի պէս խավորդ ը [184] տալէ, խաս-խաս լուալէ ետքը, կարգով-կանոնով, ժամուն ջահերը լման վառելով, պատարագով…

 

-- Ի՞նչ կ’ելլէ ատկէ ։

 

-- Ուրկէ՞։

 

-- Ատ ամէնով մեռնիլը կը փոխուի՞։

 

Ձեռքը զարկաւ գլխուն.

 

-- Ի՞նչ ըսեմ ես ինծի, որ չէք հասկնար։

 

-- Ի՞նչը չենք հասկնար։

 

-- Չէք հասկնար, քուրո՛ւկ, չէք հասկնար։

 

Ձայնը տկարացաւ։

 

-- Թող մեռնէր պապային պէս. մեռելը տանէի ժամ, շարը անցընէի ճիտին, հագցնէի փեսութեան հագուստ, մազերս փետտէի վրան, ձեռքովս ալ իջեցնէի հողք։ Հոգին ազատած կ’ըլլար։ Կը հասկնա՞ք հիմա։

 

Լռեց։

 

Գրեթէ յաղթաշեշտ։ Ըսես՝ պատկերացումով ազատեր էր տղուն հոգին։

 

Հաւատքի սա խորութիւնը եղա՞ւ ըմբռնելի գեղանի տիկինէն, որպէսզի հարցնէր.

 

-- Ո՞րը ընտրէիր պիտի։

 

-- Ի՞նչ որը։

 

-- Տաճկընալով ապրի՞լը, թէ այդպէս երիտասարդ-երիտասարդ կախուիլը։

 

Սողոմենց կինը, պիշ, սեւեռեց անոր աղուոր աչքերը, որոնք խռովքէն կը թուէին աւելի խոշորցած։ Հասկցաւ ահաւոր երկսայրաբանութեան ահաւոր պարզութիւնը։ Ափերը ինքնաբերաբար գացեր էին երեսին։ Անիկա կը ծածկէր դէմքը ու արցունքը։ Բայց ձա՞յնը։ Բայց ձայնը բարձր էր այս անգամ ու չկար անկէ նեղուողը։ Հայոց առաջնորդը սուզեցաւ իր մատնիին քարին խազերուն։ Թաղականութեան ատենապետը քիչիկ մը կարմրեցաւ, չես գիտեր ի՛նչ զգացումի հաշւոյն։ Տէրտէրը լացին ճամբովը եղաւ իր գեղին գերեզմանը, ուր ամէն օր կիներուն ողբը [185] այդպէս կը շաչէր, կը զովացնէր մեռելներուն հոգին։ Փոխադարձ սպասումը կարօտը ընելով հանդուրժելի, աշխարհէն անդին ը մօտեցնելով մարդկեղէն ջիղերուն սահմանին։ Արցունքին ուժն ու նուէրն է ատիկա մեր թշուառութեան։ Չլացողնե՜ր, յիշեցէք այս օրէնքը եւ պատրաստ ըրէք Տէրոջը ճամբաները։

 

- -Ո՜րը, ո՜րը, ո՜րը։ …Դուն ըսէ, հէ՜յ Կապուտուոր, դո՜ւն հասիր մեր չորցած սիրտերուն։

 

-- Լալով չի լուծուիր ասիկա, մայրիկս, - մէջ մտաւ առաջնորդը, - ես գիտեմ մարդեր, որոնք հարկի տակ, ահի տակ, աշխարհի համար փաթթոց անցուցին իրենց գլխարկին, բայց իրենց սիրտին մէջ մնացին հայ-քրիստոնեայ։

 

-- Իմ տղաս, իմ գրկէս դո՜ւրս։

 

-- Ուրիշներունն ալ տղայ է, տիկի՛ն։ Ուրկէ՞ իմանաս դուն ատ բաները։

 

-- Շատ, շատ է թիւը այդ մարդերուն, - փութաց հաստատել Արման Անթուանէթը, որ կը փորձուէր Վարք սրբոց էն քանի մը ցնցող ու հանգունակ դրուագներ տեղաւորել արտաքին ուրացման ու ներսէն անփոփոխ հաւատքի իբր ապացոյց։ Բայց ծանօթ էր հայր սուրբին նեղսրտութեան ուրիշները մտիկ ընելու, երբ պատմումը երկարէր քիչ մը։

 

Պարտէզէն հնչեց, մեծաղաղակ, զանգակը, որ չկար։

 

Մէկը կու գար։

 

Իրաւ ալ, յաջորդ լռութեան մէջ այդ մէկուն քայլերը հատ-հատ հնչեցին սալերուն։

 

Բարապանը ու տէր Մեսրոպը։

 

Արարողապետը, պարտ ու պատշաճ դիմախաղէն ու մարմնակործումէն [186] յետոյ, որոնց անիմաստութիւնն իսկ այնքան արժէք ունի բոլոր մեծաւորներուն աչքին, ծռեցաւ, շնորհալի, շունչը զգուշութեամբ դուրսը բռնած, հայր սուրբին ականջէն։

 

Փսփսուք։ Որմէ ետք՝

 

-- Աղէկ, - պատասխանեց առաջնորդը, բայց կիտեց յօնքերը, որոնց ճիշդ միացման կէտին գոյացաւ մեծկակ ճեղք. հաւանաբար շատ խորունկ բան մը կը պարտադրուէր անոր ուղեղին։ Դառնալով անիկա գեղացի կնոջ.

 

-- Մէկը եկած է, պիտի տեսնուի քեզի հետ։

 

-- Ո՞վ։

 

Բայց վախցա՜ծ։

 

-- Կ’իմանաս։

 

Արարողապետին նշանացի ցուցմունքով՝ բարապանը զգուշութեամբ ու գորովով բռնեց մօրը թեւէն։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Պիտի տեսնուիս։

 

-- Որո՞ւ հետ։

 

-- Կ’իմանաս։

 

-- Ինծի մի հանէք աս տեղէն։ Ես կը վախնամ։

 

-- Մի վախնար։

 

-- Ասիկա մեր հօրը տունն է, մի հանէք։

 

Վկայաբանական պարզութեամբ ու խորութեա՛մբ, ա՛յնքան՝ որ ունկնդիրներուն [187] խոնաւցան աչքերը։

 

Բայց ելաւ դուրս։

 

Տասը վայրկեան յետոյ, Ս. գիւղին պատուիրակութիւնը հրաժեշտ կ’առնէր հայոց առաջնորդէն ու անոր քով երկու քայլ հեռու, ծունկը ծունկին, տիկինէն, որոնք պիտի շարունակէին խորհրդակցիլ տակաւին ժամ մը։ Որմէ յետոյ, տիկին Անթուանէթը պիտի կատարէր վերջին յուսահատ դիմում մըն ալ մոնսէնեօռին։ Մնացածը կը պատկանէր Աստուծոյ անիմանալի զօրութեան։

 

Նորեկին անունը, մա՛նաւանդ առաքինութիւնը պատճառ էր այս փութացումին։ Կարգադրուեցաւ, որ պատուիրակութեան ատենապետը եւ տաներէց քահանա ն առաջնորդարանէն ուղղակի երթային բանտ, մասնաւոր բաժինի մը մէջ, տեսնելու Սողոմը ըստ թոյլատրեալ պայմաններու, ի ներկայութեան դենպետի փոխանորդին, նորադարձը առաջին անգամ Սուրբ հաւատքին հրաւիրող մոլլային, կրօնական ( շէրի ի) դատարանի ընդհանուր դատախազին եւ ուրիշ քանի մը նշանաւոր փաթթոցովներու, որոնցմէ մէկը՝ շէյխ Սապիթը, եւ ընէր ընկալեալ հարցումները թուրքերէն՝ երեք անգամ, այս ամէնէն ետքը հաւատուրացը հրաւիրելով Քրիստոսի կրօնին, որմէ ետք պիտի ձգէր ազատ, իր ուզած ճամբուն հետեւելու։ Զարտուղին այս ամէնուն մէջ, հօրը բացակայութի՛ւնը, քանի որ օրէնքը ընդունած էր ատիկա։ Առաջնորդն ու տէր Մեսրոպը պարտաւորուեցան այս շեղումը ընդունիլ նորեկին բացարձակ պնդումին վրայ, որ կու գար քոմանտան փաշային տիկինէն, ծանօթ իր ազատամիտ գաղափարներով։ Տիկինը կը խոստանար այդ հանդիպումը կարգադրել, առանձին, իր տանը մէջ ու խօսք կու տար, տղուն մերժումի պարագային, վերադարձնել զայն իր ոճիրովը իր պատիժին։

 

Առաջնորդը մասնաւորաբար ծանրացաւ ժամանակին, զգուշութեան պէտքին, միջադէպ ու յուզում ստեղծելէ խուսափման վրայ։ Անշուշտ Աստուած ազատ էր ուզած ճամբան ընտրելու, իր արդարութիւնն ու կամքը մարդոց սխալող հաշիւներուն պարտադրելու։ Ով գիտէ ի՜նչ անքննելի տնօրինութեանց համար Անիկա իր ծառաները այսքան դժնդակ ու ծուռ ճամբաներէ կ’առաջնորդէր։ Միւս կողմէ՝ տիկինին՝ ինչպէս առաջնորդին անձնական կարծիքով կեանքը միշտ կ’արժէր աւելի, քան կախաղանը։ Ու Աստուած բոլոր մահկանացու իմաստուններէն աւելի լաւ գիտէր իր ըրածը։ Չէ՞ որ այնքան խժդժութեամբ սպաննուած էին անոր երկու ընկերները, որոնց վրայ գործադրուած եղեռնը սպասուհիներու բերնով իջեր էր հանրութեան, թէեւ պաշտօնական արդարութիւնը «քննութեան համար» Պոլիս էր ղրկեր քոմիթաճի ները, երկու թուրք հագուեցնելով անոնց լաթերովը, անոնց մարմինները գիշերանց ամայի ու լքուած [188] գերեզմանատուն մը թաղելէ ետքը։ Դիւանագիտական շրջանակը պարտաւոր էր հաւատալ բանտային տնօրէնութեան արձանագրութեանց, առաքման թուղթին, Մուտանիայի ոստիկանութեան ընկալագրին։ Ծովէն անդինը Պրուսային չէր պատկաներ։

 

Այս դէպքերուն վերաքաղը եղաւ արագ։ Ու անոնց ճնշումին տակ ազգին պետը կը տրամաբանէր ու կը վարուէր այսպէս` գոհացում տալով պալատական տիկինին, որուն «ձեռքը հեռուները կը տարածուէր», ու դիւանագիտական մարմինին, որ կը գնահատէր քաջակորով եկեղեցականի ջանքերը, տիկին Անթուանէթի հետ «Ագռաւն ու աղուէսը» առակը [189] կարդալով, փրկելու համար ոչխարը։ Հայ առաջնորդը գոհացում տուած կ’ըլլար կուսակալին, որ, զարգացած անձնաւորութի՜ւն, հոգածու էր երեւոյթներու փրկումին, գիտնալով հանդերձ օտարներուն շահագրգռութիւնը ու տղուն տաճկընալէն վճռապէս ապահով, ետքն էր, որ արտօներ էր գերագոյն փորձը։

 

Այսպէս էր տրամաբաներ ազգին պետը ու կը գործէր, գոհացում տալով Պրուսայի ժողովականներուն խուլ, անասելի ցանկութեանց, հնդիր չհանելու քաղաքականութիւնը սրբազան նկատողներ, որոնք գեղացի իշու մը սխալին համար պարտաւոր չէին «գէշ մարդ» ըլլալու։ Ու այդ գոհացումը կու տար անիկա նաեւ տիկին Անթուանէթին, որ ո՛չ միայն լատին արքեպիսկոպոսին օրհնութիւնն ու սրտաբուխ մաղթանքները այդքան շնորհալի ամանով մը բերած էր հայոց բազմաչարչար եկեղեցիին սգաւոր պետին, այլեւ բերած առիթը մէկ-երկու ժամ թարմանալու, հեշտ այդ պատկերին վայելումին մէջէն դառնալու իր պատանութեան եւ առաջին երիտասարդութեան օրերուն, երբ բարձր դասու օրիորդներուն հետ Պոլիս, անիկա սրտին առաջին յուզումները տաղաչափեր էր Քոռնէյլի լեզուով ու արժանացած անոնց ծափերուն։

 

Այսպէս է շինուած մեր կեանքը։

 

Պատուիրակութիւնը գնաց բանտ, Սողոմը վերջին անգամ իր հաւատքին կանչելու։

Գ.

 

Առաջնորդին սենեակէն ելլելէն յետոյ, Սողոմենց տիկինը դէմէ դէմ եկաւ խիստ դիմագիծով, թուխ ու տխուր մարդու մը հետ, որմէ կէս-քաղքենի, կէս-գեղջուկ տարազը կը զարնէր [190] ուշքի։ Համազգեստին տաճկական բրտութիւնը, առաջնորդին մեղրագոյն մուշտակը, որ անոր ոտքերն ալ կը թաղէր, երբ շարժէր ու տիկին Անթուանէթին բաց կապոյտ շրջազգեստը ու ձիւնի գոյն մուշտակ օձիքը յամառող պատկերներ էին Սողոմենց տիկինին, որ, նման ամէն գեղացիի, քաղաքէն կը տեսնէ կերպասն ու ապակին, ամէնէն առաջ։

 

Դէմէ դէմ։

 

-- Բարով ես եկեր, քուրո՛ւկ։

 

Իրե՞ն էր սա բարեւը, տեղի մը մէջ, ուր այնքան քիչ կը սպասէր անոր։ Անիկա աչքը պտտցուց չորս դին, ուրիշ մը փնտռող յայտ կեցուածքով։

 

-- Քեզի է, - հասկցուց բարապանը` կամացուկ դպելով իրեն ու ցոյց տալով դէմի մարդը։

 

-- Ինծի՞ ես։

 

Ու ամչնալով՝

 

-- Բարով տեսանք, աղա՛։

 

-- Աղա չեմ ես, քուրո՛ւկ։

 

Ու փոքր ճիգով մը՝

 

-- Քու հալէդ մարդ մը։

 

Բարապանը յարդարելու համար սա դժուար մերձեցումը, ինքզինքը ծռեց քիչիկ մը դէպի աջ կողը   --կ’ընէր այսպէս, տարաչափ իր հասակէն բռնադատուած--    ու խօսեցաւ կամաց.

 

-- Շատ աղէկ մարդ է, պէտքական։

 

Յետոյ, պակաս մը լրացնող խորհրդաւորութեամբ՝

 

-- Մտիկ ըրէ, ինչ որ ըսէ։

 

Ու քաշուեցաւ։

 

Սա խօսակցութիւնը, այսչափ արագ, տեղի էր ունեցեր ապակեղէն գաւթակին մէջ։ Ճշմարիտ հրա՜շք, քանի որ այդ գաւիթին հարիւրաչեայ պահապանին փարտըսիւ ն չէր սեւցած դիւանի դրան։

 

Թուխ մարդը կրկին իր քիթը յանձնեց մեծկակ իր թաշկինակին, նշան, թէ անցած էր անխուսափելի արարողապետին գանձանակէն։ Տէր Մեսրոպը երկնքի թռչուններն իսկ պիտի չմոռնար ողջունել իր մասնատուփով, եթէ ասոնք գործով իյնային առաջնորդարան։

 

Խորքին ստուերներ։ Պատշգամ-ապակեդուռի մը կիսալոյսին տիկին Անթուանէթը կը թուէր կարմրաւուն իշխանուհի մը։ Մուշտակ պոա ն, կուրծքին նեցուկուած պարոյրը, ու ճարտարօրէն լոյսին մատուցուած անոր երեսները իրարու կ’աւելնային, իշխանազնական այդ պատկերը թելադրելու վարպետ Աւետիսի մտքին որ այդ «ապրանքէն» այնքան առատ ունէր իր յիշատակներուն մէջ։ Զուր տեղը չէ, որ սարայլը ի մը խոհարար-տարփաւորը կ’ըլլայ մարդ։ Ու պալատներու կանանոցները միայն հաստ պատեր ու վանդակուած պատուհաններ չեն արթնցներ մեր մէջ, այլեւ՝ մարդկային միսի այն անճառելի բխումները, որոնք այդ սրահներուն մէջ քողին, մերկութեան բոլոր ստեղները շօշափել կու տան իրարու աչքին, երբեմն ալ բերանաբաց սպասեակներու։ Ու կիները, կանանոցին մէջը կամ դուրսը, նման են իրարու, երբ իրենց գեղեցկութիւնը ցոյցի կը հանեն։ …Հայոց առաջնորդը շատ մօտիկ՝ իր մուշտակ վերարկուին փէշերը քսելու աստիճան տիկինին քղանցքին։ Տէր Մեսրոպը՝ խօսելու վրայ, մինչ իր ձեռքը, կրօնական նկարներու վրայ ներկայացուած լայնքով մը կը բանար դէպի քիթը տէր Անիքտոսին, քիչ, խեղճ, ջնջուած տէրտէրը։ Պալճեան Գրիգոր աղա՛ն, որ չունեցած պեխերը կ’ոլորէր մանրիկ։ Մէկ աչքով մենք կը տեսնենք շատ բան։

 

Բուսաւ անխուսափելի Սուքիաս էֆէնտին։ Ի՜նչ դժբախտութիւն, որ պակսեր էր հինգ վայրկեան՝ իր «ոստայնէն» չըսուելիք վայր մը երթալ ստիպուելուն։ Գիշերը շատ կերած էր ապահովաբար, որպէսզի այդ «յաճախանքը» փաթթուէր իր փորին։ Անոր մտահոգութի՜ւնը։ Մարդիկ կան, որոնք իրենց բացակայութեան կատարուածը անհամեմատ կ’աճեցնեն։ «Աշխարհք» մը բան, հաւանաբար «խօսուած, կարգադրուած» էր, մինչ ինք իր աղիքներուն մռլտուքը կը պարպէր անդին։ Աւաղելով իր բախտը, մա՛նաւանդ անիծելով միտիեայի տոլմա ն, որ ստամոքսի խանգարման ստոյգ պատասխանատուն էր փափկաճաշակ էֆէնտիին կարծիքով՝ անիկա տարածեց իր «սիրասուն» բազուկները դէպի նորեկը։

 

-- Օ՜, բարեւ, բարեւ, հազար բարեւ, Աւետիս աղբար։

 

Ու ճմռեց թուրքի իր քիթը, մինչ իր յետոյքը կը շարունակէր պահել ցաւոտ իր «կեցուածքը»։ Մարդոց հետ իր ծանօթութիւնը անիկա կը սկսէր քիթով ու կը լրացնէր ձեռքով։

 

-- Աս ո՛ր հով փչեց, Հաւատիս աղբար։

 

Աչքի թարթում ու լռութիւն։ Բարապանը սրահի մուտքին, արգիլելու դիտումով ատենապետին հաւանական խուժումը դէպի դուրս։ Քարտուղարիկը բարեհաճած էր ելլել աթոռէն ու դիրք բռնել դիւանապետին կողքին, գրիչին ծայրովը բանալով խազը, ուր կրնային քանի մը թել մազէ կամուրջ երկարած ըլլալ։ Ի՜նչ վարժութիւն էր հարկաւոր, առանց հայլիի, այդ դժուար աշխատանքը այդքան յաջողութեամբ գլուխ հանելու։

 

-- Խեր է Աստուածով։

 

-- Խեր է, - մռլտաց քոմանտան փաշային խոհարարը, որ չէր ախորժեր թուրքի դիմագիծով այդ հին աղուէսէն։ Ունէ՞ր կռահած անոր դաւադրական գործունէութենէն, որպէսզի ըլլար վերապահ ամէն հանդիպումի։ Իրողութիւն է, որ կարգ մը մարդեր, թիւով ցանցառ, օժտուած են այս տեսակ մութ զգայարանքներով։ Անոնք, ուրիշներէ անտես ճամբայով, կ’որսան մարդոց ներքին հոսումները ու կը գուշակեն վտանգը, դեռ իր օրանին մէջ։ Գիտուն բառ մը, intuition, տարտամօրէն կը մօտենայ այս վիճակներով պատկերացուած սա թափանցումին։ Հայաստանցի Աւետիսը կը խուսափէր քարտուղարէն, ո՛ւր ալ ըլլար ծեր աղուէսը, ինքն ալ չգիտնալով ինչուն։

 

Կարճ կապելու համար շատախօս ու կեղծաւոր այդ մարդուն հետ՝ անիկա քալեց առաջ` քաշելով իր ետեւէն շուարուն կինը, որ աչքովը կը ջանար գտնել իրենց տէրտէրին ճաղատ գլուխը, սրահին կիսամութէն։ Ո՛չ ոք։ Բոլորը պատշգամն ըլլալու էին, ուր կը բազմէր առաջնորդը, ձորակը, դէմի նկարագեղ պատկերները, փոքր ճամիի մը կիսակործան մինարէն դիտելու։ Տեսարանը, առանց բացառիկ կողմերու, գեղեցիկ էր այդ պատշգամէն, որուն ներքեւ մրգաստանին խոնարհող կորութիւնները, հանդիպակաց թաղին խորունկ լքումը, մզկիթին հրապարակիկը, ուր ոչ մէկ տղայ չէր խաղար, ու ձորին վրայ հոյաշէն բնակարանները հայ վաճառականներուն, բաց պատուհաններով, յաճախ կնոջ մը կիսանդրիէն գրաւուած, այդ վայրը կ’ընէին բանաստեղծական խոհանքի յարմարագոյն անկիւն մը, ինչպէս կը բանաձեւէր Լամարթինը պաշտող ու ողբական եղանակով արտասանող տաղաչափ հայր սուրբը։

 

Խոհարարը ելաւ պարտէզ։

 

Ուր, անիկա երես պիտի չտար, ինչպէս միշտ, պարտիզպան Մամաս էֆէնտիին։

 

Այս խայաստանցի ին ազատ կոշտութիւնը պարտաւոր էին հանդուրժել ժամուն բոլոր մարդերը, անճկելի ու նոյնքան բիրտ Տիւմանեան Գասպարէն սկսած մինչեւ տաներէցի պէս ճապուկ-մէջք [191] Սուքիասները։ Ծանօթ էր ժամուն, դպրոցին, անշեղ յաճախումով մը արարողութեանց։ Տարիներու մեծ թիւի մը վրայ    --քսանը կ’անցնէին անոնք–, անիկա ամէն Կիրակի Սուրբ Կարապետի պատկերին կը բերէ չորեքնոց մոմը, ամէն տաղաւարի՝ հասակին չափովը։ Խոհարա՜րն էր քոմանտան փաշային, բայց տէրտէրի տղու մը չափ հաստատ լուսաւորչական։ Գաղտնիք չէր անոր խորունկ հայրենասիրութիւնը։ Դէպքերէն առաջ՝ անիկա անկշիռ մէկն էր հայոց աւագանիին աչքին։ Յետոյ՝ առաջնորդն իսկ յարգանքով կ’ընդունէր զինքը։ Խօսուածքին խստութիւնը, [192] հիմնաւոր բանի համար բերան բանալը, քաղքենիներու յատուկ չորսերեսութեան դէմ խոր զայրոյթը զինքը կը ներկայացնէին իբր արջուկ մը, որմէ կը քաշուէին, ստոյգ է թէ առանց ատելու։

 

-- Քալէ՛։

 

Խոհարարն էր, ծուռ-ծուռ չափելով պարտիզպան Մամաս էֆէնտին, որուն քոյրը  --մարդուն մարմնական վայելչութիւնը, գրաւիչ մոյնքը փաստ կրնային ծառայել այդ քրոջ մեծակառոյց գեղեցկութեան եւ հետեւանք համբաւին–, լքելով իր էրիկը, կ’ապրէր տաճիկ էֆէնտիի մը հետ, կուսակալութեան կարեւոր մէկ դիւանին մէջ կարեւոր պաշտօնեայ ու այդ հանգամանքով պաշտպան պարտիզպանին ալ պաշտօնին, որ, առանց այդ «նպաստին» ալ բաւական խելք ունէր իր գործը պահպանելու, լեզուին անփոխարինելի համովը, գայթակղութիւնները ծաղկեփունջին հետ այնքան հաճելի տիկիններուն վայելումին մատուցելու [193] տաղանդովը, ու տակաւին ուրիշ առաքինութիւններով, բանսարկութեամբ, քսութեամբ, խառնակչութեամբ եւ մասամբ նորին…

 

Ձեռքի թիակաձեւ շարժումով մը խոհարարը վանեց սուտակասպաս էֆէնտիին մերձեցումը, մինչ անոր ակռաները շատ յստակ աղացին մէկը իր սիրական բանաձեւերէն.

 

-- Բոզի՛ զաւակ…

 

Անշուշտ շատ ալ յստակ ականջովը լսեց այդ փաղաքուշ որակումը պարտիզպան էֆէնտին, որպէսզի ժպտուն, ծեքծեքուն, ու շատ սիրալիր՝ ճամբու դնէր Խարբերդու արջուկը, ետեւէն պոռալով, ձեռքերը շփշփելէն.

 

-- Երթաս բարով, Հաւատիս աղբար, Տէ՜ր ընդ ձեզ։

 

Գրաբար ալ գիտէր, շէնք-շնորհք հայերէն խօսիլ մը չունեցող խաբեբան։ Տեսնէ՜ր զայն Ս. գիւղին ատենապետը, խեղկատակ այդ գրաբարին մէջ։ Աստուած է վկայ, բերանը կը փաչատէր այդ շանորդուն։

 

Այսպէս է կեանքը։

 

-- Գնա՛ ետեւէն։

 

Բարապանն էր` ձայնին միացնելով ձեռքը, որ ցոյց կու տար խոհարարը։

 

Կոխել վախնալով    --այնքան մաքուր էին սանդուխը կազմող մարմարները–, Սողոմենց կինը իջաւ ժամուն արեւմտեան հրապարակը։ Գլուխովը ի զուր կը խուզարկէր անիկա առաջնորդարանին պատուհանները սեւ ու փակ։ Արեւը տանիքի մը ակօսէն վար էր ինկած, ողողելով սրբատաշ քարերը, մայր դրան ճակատազարդը ու մարմարին բիւրեղները ոսկի ոսպերու նման բռնկումի հանելով։ Պրուսայի ժամուն վրայով պատմուած զրոյցները տարօրէն թարմացան խեղճ կնոջ մտքին մէջ։ Աճեցան ալ։ Գեղերու կիներէն շատ շատերը, կը ծնին ու կը մեռնին՝ իրենց արտերուն ճամբէն զատ քիչ բան ճանչնալով։

 

Շատրուան։ Աղբիւրներ։ Տաճարին արեւմտեան երեսին՝ արտաքնայարդար կաթողիկէն՝ մարմար՝ սլացիկ սիւներու վրայ։ Ու նոյն մարմարով անոր առաջամասը, դէպի պարիսպը, արտավարէն աւելի ընդարձակութեամբ, որուն վրայ տեղ-տեղ օղակներ, հեղ[ու]սուած ճարտարօրէն մարմարին երակներուն։ Սողոմենց կնիկը չէր համարձակեր հարցում ուղղել այդ օղակներուն գործածութեանը մասին, այցուած ըլլալով սրբապիղծ մտածումէ մը, հանգիտօրէն։ Այդ օղակներուն, մարդիկ, իրենց գեղը կը կապէին կով ու ջորի։ Հո՞ս։ Ջրհորի մասին տարտամ տեղեկութիւն ունեցող անոր ուղեղը ուրկէ՜ մտածէր ընդարձակ ջրամբարին, որ յատակը կը կազմէր այդ հրապարակին։ Մեծ հրդեհէն ետքը, որ ԺԹ [194] դարու կէսերուն մոխիր էր դարձուցած քաղաքին հայաբնակ մասը, ջուրի մթերքի մը անհրաժեշտութիւնը պատճառն էր այդ մեծածախս ձեռնարկին։ Թուրքերը միշտ պիտի կտրեն հրդեհի ատեն հայերու թաղը իջնող ջուրերը։ Ըրեր էին այդպէս այդ մեծ կրակին ատենն ալ։ Ու կէս դարէ ասդին հրապարակին տակը կը քնանար հսկայ ջուրը, հրդեհի ատեն միայն գործածելի։

 

Խոհարարը, փոխանակ առնելու դուրսի ուղղութիւնը, շեղեցաւ դէպի պահարան, որ ութ-տասը կանգունով միայն կարճ էր մայր տաճարէն։ Այդպէսով կազմուած խորշին մէջ, երկու պատուհաններու առջին երկու տապանաքար։ Մէկէն ջնջուած գիրերը, բայց կը մնար փոքր կառոյցը։ Քանի մը թիւ, պատիւով գիրերու փշրանքներ անոր տէրը կ’ընէին հին օրերու եկեղեցական մը, որմէ ջնջուած էր ամէն բան։ Իմ տղայութեանս չէի ըմբռներ մաշած քարին անբարբառ վկայութիւնը։ Թուրքերու ծովին մէջ, այդ եկեղեցիի բակին մէջ գերեզմանով մը պատուըւած մարդերը ի՜նչ արժէքներու կշիռը ունէին իրենց ետին։ Անոնք էին, որ պահած էին մեր ժողովուրդը ինքը իր մէջ ամփոփուած ու լեզուին կորուստին հակառակ, խորապէս հայ։ Երբ մեծցայ, ուրիշ քաղաքներու իմ այցելութիւններս կրկնեցին այդ պատկերները։ Հիմա անոնք կը համախմբեմ մեծ ու հզօր զգացման մը մէջ, որ մեր ցեղային խորհուրդն է, այսպէս տեսարանուած, դարերու սանդուխով մը, մարմարէն՝ ինչպէս վանկէն։ …Միւս քարին վրայ կրկնածալ բան մը, վարդապետի մը վեղարը կոշտօրէն եռանկիւնող, ուր ուշագրաւ էին աչքին նշիկները փոսփոս։ Քարին մարմինը բանող գիրերը կը կարդացուէին, անշուշտ քիչ մը դժուար, սղումներու եւ պատիւներուն առատութեանը պատճառով։ Տա՞կը։ Իմ տղայութեանս կար «բազմամեղ» վարդապետ մը «անուանեալն Բարսեղ», «ի կողմանց Քարբերդայ», որ աւանդեր էր հոգին «յերեսնամենի»։ Պանդուխտ «գոլով ի կողմանս Պրուսայու»։ Գրուածը՝ այսքան։ Բայց չգրուա՞ծը։ Բայց հեքիա՞թը։ Որ այդ երեսուն տարեկան վարդապետը կ’ընէր հրաշագեղ՝ ինչպէս հրաշագործ, կը ղրկէր անվախ մեծամեծներուն տուները, խունկով, Աւետարանով, խաչով, եւ «յանուն Յիսուսի Քրիստոսի» ոտքի կը հանէր ախտաժէտներն ու անդամալոյծները, այսահար աղջիկներ եղնիկի պէս քաղցր «ընծայելով»։ Աւելի՛ն. հեքիաթը այդ սեւամօրուս ու սեւաչուի երիտասարդը կ’ազատէր անհաւատներուն ճիրաններէն (հիմա կրնամ ճշդել բառին տարողութիւնը ու կիներու բազուկ տեսնել այդ ճիրաններուն տեղ), կամաւոր ու հրեշտակային մահուամբ մը, երբ վայելչակազմ վեղարաւորը իսլամանալու խոստումին մէջ ատեն կը գտնէր ինքզինքը կախելու, արժանանալու համար երկնաւոր Բրաբիոնին։ Գեղեցիկ վարդապե՜տը։ Ու, քարե՜ր, քարե՜ր, ժամու բակին, թէ գեղերու համեստ գերեզմաններու մուտքին։ Ո՜վ պիտի պատմէ ձեզմով արձանացած ողբերգութիւնը։ Հազար տարի մենք այսպէս ենք ապրեր, օտարներու լուծին ներքեւ։

 

 

Աստուածային շնորհը արդար իրաւամբ սպասող վարդապետը իր քարին վրայէն կը շարունակէր նպաստ խնդրել ողջերուն, աղաչելով անոնց իրենց «ողորմիսը» չխնայել իր գերեզմանին ու պաղատիլ Արդար Դատաւորէն «թողութիւն շնորհել ծովացեալ մեղաց իւրոց»։ Յատկանշական քա՜ր։ Անուղղակի ուխտատեղին բոլոր աղուոր տղոց ու աղջիկներուն, որոնք, առանց խորհուրդին իջնելու՝ բերան մը աղօթք կու գային ընելու անոր առջեւ։ Անշուշտ իմ որբի ազազուն բերանը այն ատեն չբացի ես։ Ու կը զղջամ հիմա։

 

Խարբերդցի խոհարարը ինձմէ աւելի տեղեակ էր, կը խորհիմ, այդ քարին խորհուրդին։ Մարդիկ վարժուած էին զայն տեսնելու, ամէն ժամ գալուն, այդ քարին առջեւ, գլխեբաց իր Հայր մեր ը մրմնջելու «երկրացի» մեղաւորին հոգիին համար, որմէ յետոյ, կիսաձայն, արտասանէր պիտի պայմանադրական ողորմիսը։ Աւելի՝ «Տէրը լուսաւորէ հոգին ըմմէն ննջեցելոց»։ Աւելի՝ «Տէրը քաղցր ըլլայ ըմմէն մեղաւորներու»։ Ու ոչ ոք գիտէր սարսուռը, որ այդ բառերով կը հոսէր անոր հոգիէն։

 

Ըրաւ, ինչպէս կ’ընէր ամէն ժամ գալուն։

 

-- Տէրը քաղցր ըլլայ ըմմէն մեղաւորներուն, - կրկնեց անիկա, գլխարկը դնելէն ետքն ալ։ Ու խորունկ տխրութիւն, լքում, անձուկ կար անոր ձայնին ու դէմքին վրայ։

 

-- Երթա՛նք, քուրուկ։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Խոնախ ը [195] ։

 

Սողոմենց կինը յուզուեցաւ։ Իր տղան պիտի տեսնէր, զոր կ’ենթադրէր փաշաներու պալատին մէջ, հակառակ անոր, որ գիտէր անոր բանտը ըլլալը։

 

-- Մինա՞կ։

 

-- Մինակ։ Հանըմը քեզ կ’ուզէ։

 

-- Հանըմը ո՞վ է։

 

-- Տեսնաս պիտի։ Մի վախնար, շատ աղէկ կնկուկ է, հալէ հասկցող։

 

-- Սողո՞մը։

 

-- Ե՛տքը։

 

-- Ետքը ե՞րբ։

 

-- Կը տեսնես, քուրո՛ւկ։ Առաջ հանըմը տես դու մի հեղ։

 

-- Տէրտէրը չգա՞յ պըտը։

 

-- Քեզ մինակ կ’ուզեն։

 

Այդ րոպէին, անոնցմէ վեր, պարտէզի եզրին, մօտ տասնհինգ կանգուն բարձրութենէ մը երեւցան տէր Անիքտոսը, Գրիգոր աղան, հաճի Զաքէոսը։ Ասոնց տեսքը ոգեւորեց շուարուն կինը, որ ձայնով ու ձեռքով նշան կ’ընէր գեղացիներուն։

 

-- Վար եկէք։

 

Խոհարարը, լուրջ.

 

-- Քալէ ինծի հետ։

 

Յետոյ, աւելի լուրջ.

 

-- Էտոց պիւթիւն էն [196] խեր չիկայ քեզի։

 

Ու ինկաւ անոր առաջքը։

 

Սողոմենց կինը, վարանոտ, դանդաղիլ փորձեց։ Բարապանին լայն ձեռքը, հեռուէն զինքը կ’ընէր ետ։

 

-- Գնա՛ ետեւէն։

 

Հետեւեցաւ խոհարարին, չեկող գեղացիներէն յոյսը կտրած։ Կռնակէն լայն ու լեցուն մէկն էր, ամուր, թիզ մը ծոծրակով, գլխարկէն աւելցած մազերուն մէջ ոչ մէկ ճերմակ։ Ամբողջ հասակէն կը բխէր պարզ ու պարկեշտ վստահութիւն մը, մօտութիւն մը։ Չըլլար տարազին մասնակի կողմը՝ անիկա պիտի նկատուէր գեղացի մը իրենց։

 

Անցան դարատափը, անոր եզերական թաղարակազմ ածուն, բանկալը։ Ժամկոչները, հակառակ մանկալի [197] կատուներ ըլլալնուն [198], ձգեր էին խուցը եւ դիրք բռներ անոր առջեւ, [199] իրենց ձեռքերը շփելով իրարու։ Անոնք կը սպասէին Աւետիս աղային, որ խոնարհներուն բարեկամն էր ու չէր մոռնար նուէրը։ Ծնունդի օրերը մօտեցեր էին ու իրենց պատկերով կը փորձէին մտքին մէջ մնալ հայաստանցի արջուկին։ Տիւմանեան Գասպա՞րը։ Անիկա կը սիրէր այս խիստ մարդը ու, կարօտ չըլլալով հանդերձ, կ’ընդունէր անոր հրաւէրը, ամսու բերանին, գլուխ-գլխի [200] քէֆի մը։ Տե՞ղը։ Բայց դուք չէք գիտեր, թէ ինչ դրախտային պարտէզ է Պրուսայի դաշտին այն մասը, ուր «բանուած», «սփռուած» են ջուրերու երակները, տաքն ալ, պաղն ալ։ Զոր կ’ակօսեն իրերամերձ վտակներ, իրենց ափերուն հարիւրամեայ ծառերուն զուգահեռ գիծովը։ Ամէն քար կ’ենթադրէ հին մեհեան մը։ Ու ամէն ծառաստան ունի բխուն ջուրը, մանրանկար սրճարանը, որուն մէջ աշուղ մը, տէրվիշ մը, շատ-շատ քաղցրաձայնով ծերուկ մը կը հրամցնէ աթոռը, սուրճը ու տուածդ կ’առնէ, բերան չբանալով, երբ բան չձգած անցնիս։ Նման վայրերէն մէկուն մէջ, անոնք երկուքիկը կը նստէին դէմ դէմի, սկիզբները տրտում, քիչ-քիչ բացուելով, մինչեւ որ ազգային երգերն ու օղին վազէին իրենց առջեւի վտակին նման ու ծառերու շուքին արեւը ըլլար զով, հնօրեայ սեղանին վրայ հնդկահաւը վառէր, պլլուած ըլլար իր ոսկի շուրջառին, խոհարարին մատներովը այդպէս յարդարուած։ Այդ սեղաններուն առջին անոնք կը դառնային իւրաքանչիւրը իր հիմնական ցաւին, մութը անյայտ [201], բայց գուշակելի։ Ինչ ալ աղէկ կը հասկնային իրար։ Ցա՞ւը։ Առանց ատոր անունը տալու խոհարարը կը պարպէր բոլոր սիրածներէն սիրածին կենացը, տարտամօրէն մտակոչելով գեղանի կինը երիտասարդ մաքսանենգին, անոր կախաղանին մէջ մատը զգալով էֆէ Գասպարին։ Ու տարիներու կրկնումով այդ պատկերն ալ կորսնցուցած կը ներկայանար իր ոճրային սարսափը, դառնալու համար տեսակ մը երազ։ Մարդ սիրածը այդպէս կը պահպանէ աւերէն ու քայքայումէն, որ ճակատագիրն է մեր բոլոր գեղեցկութիւններուն։ Ու առանց անունը տալու, հիմա թոռմած՝ ատենին առիւծ դռնապանը իր գաւաթը կը պարպէր սիրուածներէն սիրուածին կենացը, որ երբ չի մեռնիր, կը մեռցնէ։ Խոհարարը անշուշտ մեռած մըն էր, իր ժողովուրդին համար, քանի որ զաւակ չունէր։ …Ու կը պարպէին ցաւերու ցաւին, ազգին մեծ ցաւին համար, որ հետզհետէ կը մօտենար անոնց ըմբռնողութեան։ Ազգային երգերը դպրոցական հանդէսներուն իրենց շաղակրատ անիմաստութիւնը կը կորսնցնէին անոնց բերնին մէջ, ըլլալու համար քաղցր թոյն ու գինովութիւն ու կսկիծ, ա՛յնքան՝ որ շուրջանակի արտերէն թուրք բանուորները, պարտէզներէն երիտասարդ կիները կը ձգէին իրենց տեղերը, մօտիկը գալու համար թախիծի այդ աղբիւրին…։ Որմէ յետոյ, գրեթէ լալով, անոնք կը բաժնուէին իրարմէ։ Խոհարարը ան գիշեր, իր հանըմը ծոցն առած, կ’ուտէր անյագ տրտմութեամբ մը անոր անսպառ կախարդութիւնը ու արցունքով կը լուար անոր կուրծքին մարմարը…։

 

Գասպարը իր պաշտօնին դարձին, ասեղը ծակ կ’ընէր, միջոցը կը ճարէր արծաթ խնկամանով կրակ տանելու մեղաւոր Բարսեղին տապանաքարին ու կը ծխէր խոհարարէն յանձնարարուած խունկը հաստ իր մատներովը շոյելով, ճմռելով իր թուշին կախ միսերը։

 

-- Աշխըրքին ո՞վ է խելք հասցուցեր…, - կը կրկնէր անիկա, դեռ լաւ չսթափած իր ուղեղէն հազիւ ճարելով այսքան մը բառ։ Կը հանէր խաչը, կը տարածէր ծուխը Բարսեղ վարդապետին ամբողջ հասակին, «երկնքի լոյսը» աղերսելով անոր ոսկորներուն, յաճախուած շնորհ՝ շատ գերեզմանի։ Յետոյ պիտի դառնար իր խշտին, եօթը անընդմէջ սիկարները քաշելու մեծ-մեծ պուկերով։ Վա՜յ՝ այդ պահուն, առջեւէն անցնողին, խօսք նետողին, հրաման բերողին։ Ծոմ պահող շէյխէ մը աւելի կատաղի էր անիկա։ Եւ անիկա գրալ ն էր, այդ օրը, իր դաժան խշտին…

 

Տեսնելով խոհարարին ետեւէն երկրացի կինը, տարտամօրէն գուշակելով անոնց բռնելիք ուղղութիւնը, [202] դռնապանը մօտեցաւ Սողոմին մօրը ու միշտ թուշէն շերտ մը միս շոյելով, գեղին բարբառովը ըսաւ անոր.

 

-- Թէտ չտաս մարդուն եախան ։ (Թող չտաս մարդուն օձիքը)։

 

Այս գիծէ հանդիսաւոր առիթներուն, աղաներն ու էֆէնտիները ճաթեցնելու համար՝ անիկա դիմում կ’ընէ իր հայրենի բարբառին։ Երբեմն ալ աղօթելու, հայհոյելու, բարկանալու պահերուն այդ լեզուն կը լսուէր անոր ակռաներէն՝ գրեթէ անհասկնալի։ Ու յատկանշական պարագայ՝ անիկա չէր հանդուրժեր հեգնութիւն այդ րոպէներուն։ Հատիկ մը բան չպակսած իր ակռաները իրարու զարնելով, մռայլ կափկափ մը հանելով անոնց «աղացքին», ինչպէս կ’ընէր երեսուն տարի առաջ, ձիուն վրայէն, ծխախոտին բեռները քշած ատեն, սառած կզակները շարժումի հանելու համար։

 

Անիկա իր ձեռքովը բացաւ երկաթ փեղկը, բացառիկ շնո՜րհ։ Վասնզի հակառակ իր պաշտօնին, որուն անունն էր դռնապանութիւն՝ անիկա միշտ ուրիշները կը գործածէր դուռները բանալու եւ գոցելու։ Ի՞նք։ Ուժով մարդ մը, որ երկաթին ետեւը կը հսկէր։ Ու ջրհանկիրները, խառնակիչները, գինովները, ազգին մեծին ու պզտիկին դէմ անտեղի, վայբերան հաջողները պարտաւոր էին հաշուի առնել անոր թանձր ճոկանը։ Դպրոցէն փախչող տղոց սարսափն էր անիկա։

 

Փողոցին մէջ կա՛ռքը։

 

-- Մէկալլոնց [203] անկաճ չտաս, հա՜։ Իշտէ ասխըտար [204] կ’ըսեմ քեզի, Սողոմենց կնիկ։

 

Ու բռնեց անիկա վարանոտ կնոջ ձեռքէն, որ տէրտէրին եւ Գրիգոր աղային շուքերը կը փնտռէր կիսաբաց փեղկն ի վեր, ու բարձրացուց, բիրտ, կառքը։ Անոր քով տեղաւորուեցաւ խոհարարը։

 

*   *   *

Տեւողութենէ մը ետք, զոր գտաւ շատ երկար այդ տեսարաններուն անվարժ տիկինը, մրջիւնի պէս բանուկ փողոցներ, հրապարակներ ու փոշեթաթաւ ծառաստաններ ճեղքելով, կառքը կանգ առաւ լուռ եւ ընդարձակ տարածութեան մը վրայ։

 

Դուռ մը չէր իրենց առջեւ ցցուած բանը, այլ՝ ճերմակ ներկուած ձողացանկ մը, մօտ երեք մարդու հասակով։ Պատի գիծեր, աւելի ճիշդ՝ սիւներ անոր երկու քովերէն, հսկայական, որոնց գագաթին բազմակողմ մէյ-մէկ լապտեր, երեքն ալ տաճկական զինանշանով աւարտած։ Սողոմենց կնիկը այսպէս բան չէր տեսած։

 

Մանր, սեւ մարդ մը, կառքին ձայնէն, բուսաւ, ըսես գետինին տակէն ու դպաւ մատով տեղի մը։ Որմէ ետքը երկաթ այդ ձողերը պլորուեցան իրենք իրենց վրայ, ինչպէս իր «տղուն» խթման գիրքերը ։

 

Կառքը մտաւ ներս։

 

Այնքան գովուած, հեքիաթին մէջ այնքան մանրամասն նկարագրուած պարտէզներէն մէ՛կը։ Որոնց խորը, գոհարատուփի մը նման, դրուած [205] պիտի ըլլայ պալատը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ աղջիկին։ Ու այդ պալատին դուռ ու պատուհան պիտի հանուէին ոսկիէ ու ադամանդէ…։ Հո՞ս։ Սողոմենց կնիկը աչքերը բացաւ չորս։ Հեքիաթին մօտիկ բան էր տեսածը։ Վասնզի քոմանտան փաշային թիւ երկրորդ ապարանքը    --կնոջը կողմէն--  դիրքի բացառիկ շքեղութեան կ’աւելցնէր օր մը նրբացած [206] ճաշակն ալ սարայլը ին, որ յարդարած էր զայն Վոսփորի եզերական եալը ներուն [207] նմանողաբար, շրջապատ բուրաստանն ու մուտքի ճակատամասը օրինակելով պալատէն, որուն մէջ անիկա ծոցն [208] էր մտեր փատիշահին։

 

Մենաւո՜ր։ Վասնզի փաշաներուն ախորժակը անհուն է, կնիկէ՝ ինչպէս հողէ, [209] եւ կուլ կու տայ շրջապատը, մինչեւ որ յոգնի քարահանքէ մը կամ ճահիճէ մը։

 

Շէնքը, այսինքն՝ բուն ապարանքը կը զատուէր կանանչէն ու ծառերէն մարմարեղէն կառոյցի մը միերանգ մաքրութեամբը, հեռո՛ւ՝ անխուսափելի թրքութենէն, որով պլլուած կը կանգնին այս քաղաքին հնօրեայ յիշատակարանները, ու ասոնց կից բորբոսած գմբէթներով աշխարհիկ ալ պալատները։ Ու հեռու, մա՛նաւանդ այն խստութենէն, որ այդ քաղաքին մէջ ԺԴ եւ ԺԵ դարերու կտակ բոլոր շէնքերը կ’ընէ այնքան տարբեր, թուրք, բարբարոս։

 

Ասոնց յատկանշական կողմը ոճին մէջ չէ անշուշտ, որ յստակ է հեռուէն, իբր գիծ ու միջոց, երբ սարահարթ մը ամբողջ կը պարսպէ, մէջտեղէն ցայտեցնելով բազմակամար դէզը ճերմակ, կամ դեղնորակ, կամ կանանչ գմբէթներուն։ Այլ պատմութիւնը, անլուր այն սարսափը թրքական հեղեղին, որ 5-6 դար առաջ ծածկեց այդ դաշտերը։ Դեռ չպաղած բան մը կը յամառի դիմանալ այդ դարերէն, տպաւորիչ պարտուածներուն՝ ինչպէս եւրոպացի այցորդներուն համար հաւասարապէս։ Թրքական թաղերը, շուկան, նորակառոյց մզկիթները, տարօրէն անոճ, ցրիւ, անարտայայտ, երբ մինակ են, այսինքն՝ զուրկ հնօրեայ յիշատակարանի մը խմորէն, մէկէն կը ստանան իրենց թաքուն խորհուրդը, երբ անոնց մէջը բրգանայ կամ ծուարի սուլթանի մը ձեռակերտ մէկ աղօթատեղին կամ փոքր դամբարանը։ Այդ տարրով յետսամուտ մասը կը բարձրանայ իր սաստկութեան։ Առանց խուլ վախի չես կրնար անցնիլ փոքր, հազիւ դագաղ մը պարագրկող կամար-դամբարանի մը քովէն, որ անուշիկ կամ սեպ կատարի մը վրայ ինքզինքն է զարկած, որ գիտէ ո՛ր արիւնկզակ սուլթանի մը իբր հանգստարան։ Ուր, անոր դագաղը ոսկի եւ ապրշում հիւսքերու տակ կը փոխուի ուխտատուփի [210] ։ Բայց որուն փոքր ամբողջութենէն կը յառնէ ինչ որ թուրքն է եղած այդ դարերուն, սարսափին այն անորակելի փոթորիկը, որ երկու-երեք դար քայքայեց Մերձաւոր Արեւելքը ու կէսէն աւելի Եւրոպային։ Ի զո՜ւր հինգ-տասը նոճի, իրենց իլերը իբր բարիքի, խաղաղութեան եւ մահուան զգաստանշան կը կախեն երկինքն ի վեր։ Ի զո՜ւր աղբիւր մը, ցանկապատ աւազան մը, գզիաթին [211] վրայ ծալապատիկ ծերունի մոլլաներուն թշուառական թշուառութիւնը, անուշիկ տղեկ մը, որ կը խաղայ ծաղիկներուն քով, կը միջամտեն կոտրելու համար մռայլ ահը այդ գոհարի տուփի պէս գեղեցիկ պատկերին։ Պիտի տեսնես ու անպատճառ պիտի այցուիս այդ անցեալէն, ու ողնուղեղէդ սրսփուն՝ պիտի ջանաս շուտով հեռանալ այդ շրջանակէն։ Կը ծանրանամ այս տպաւորութեան խորութեանը վրայ։ Օրերով թափառեր եմ հսկայ աւերաքաղաքին մէջ, որ Նիկիոյ ստորաշխարհը կը կազմէ։ Մահուան հզօր շունչ մը, ապականութիւն ու փարթամ նենգութիւն, անգթութիւն եւ արիւն զգացեր եմ դարաւոր չափով մը, բայց նոյն ատեն՝ ասոնք հակակշռող իմաստութիւնն ալ, ըսել կ’ուզեմ՝ հայեցողական այն խաղաղութիւնը, որ ամէն կործանումին արտածորած դասն է մեր ախորժակներուն վրայ։ Թուրքերու «սրբազան» որակուած այդ յիշատակարանները զուրկ են այդ դասէն։ Չեմ կարծեր, որ հայու, այսինքն՝ պարտուած ազգի հեռազգած տրամադրութիւնը այսպէս կը յարդարէր իմ զգայութիւններս, ու մեծվայելուչ Եշիլ ճամիի [212] առջեւ զիս կ’ընէր վախկոտ ու տխուր։ Պոլսոյ մէջ, ԺԹ [213] դարու կառոյցները, դարձեալ դամբարան կամ ապարանք, չունեցան իմ վրայ այդ դաժան ճնշումը։ Դարձեալ, Ջերմուկներու արուարձանին մէջ նորօրեայ կառոյցներ զերծ էին այդ սպաննող թախիծէն։ Քոմանտան փաշային Չէքիրկէի պալատը թեթեւ էր, խաղաղ, ու ակնապարար, Ներուի՜ այս բառը, վասնզի արտայայտիչ է, հակառակ իր մաշած ու ծիծաղելի հնութեան։

 

Դժուար է բառերով պատկերել, սեւեռել [214] ինչ որ շէնքի մը, տեղի մը առանձնայատուկ ոգին է, նիւթէն տարբեր ու անձէ վեր։ Ամէն ապարանք ինքնիրմով միայն ոճի չ’երթար։ Ու միայն իր արտաքինով չ’անդրադառնար մեր հոգիներուն։ Անշուշտ զանցառելի չեն, այդ թափանցումին համար, ոճին չափ, դիրքը, հորիզոնները, հեռանկարն ու մերձանկարը, ու կտաւը հողին, որմէ վեր մարմարը իր շերտերը պիտի երկրաչափէ։ Բայց ասոնց ամէնէն շատ, մա՜րդը՝ որ կը լեցնէ այդ խաւերը, կարկառները, կլորութիւններն ու անկիւնները իր իսկ հեղումով։ …։ Բայց պէտք է քալել ու շատ չտարուիլ այս մտածումներով։

 

Դուռնէն անմիջապէս ներս, խաչաձեւ եւ ընդարձակ տարածութիւն, որ բանուած էր ընկոյզի մեծութեամբ, բազմերանգ խիճերով։ Այդ կալին չորս շառաւիղներէն չորսական արիշներ, որթատունկի [215] տեղ պատատուկ ուրիշ բոյսերով «պաճուճահիւս զարդարուած», գործածելու համար ռոմանթիք բացատրութիւն մը։ Ասոնց ճիւղերու խռիւ, բայց համաչափ ցանցերէն յատակի ճերմակ աւազին վրայ լոյսի բեկորներ, զանազան մեծութեամբ, դողդոջ կամ խրտչուն։ Երբեմն լապտերի մը ապակին, բծաւոր ոսկիի պէս, ինքզինքը դողալու դրած այդ աւազին։ Երբեմն այդ լապտերներու օղե՜րը, ցցունք ու զարդ, որոնց պրիսմակներէն գոյները այդ աւազը կ’ընէին նկարազարդ ասեղնագործութիւն մը։ Հարուստներուն ալ աչքերը գոյնէն [216] չեն կշտանար։

 

Այս մեծ ձեւերէն դուրս, ամէն ուղղութեամբ, պարոյրները ծառի, թաւուտի։ Խնամք մը կը միջամտէր կիսավայրի տարտղնում ճարելու համար այդ պարոյրներուն, որոնք աւազանի մը գլխուն կը կանգնէին մինակ, իրենց փորէն անցք տալու համար ջուրին բազմաձեւ բերաններուն։ Այդպէս յարդարուած անոնց խորերէն բխումը գորշաստեւ առիւծներու, որոնց բերանէն ջուր ու փրփուր մեծ ածուներու պորտը յօրինող փոսիկներու մէջ, բոլորն ալ մարմար, ծաղկեհիւս բաժակներու պէս ջուրէն կանանչցած։ Անոնց եզերքին ծաղիկ ու դալար։ Ու բուստի կմախք։

 

Ու ածուներ, բազմաձեւ, բազմանկիւն, կեդրոնին՝ տպաւորիչ մատղաշութիւնը սիրական տունկի մը, որ կը դողար դժուար ստացուած իր մարմինին համար ու կը շոյէր խոտի պէս բուսած բազմագոյն փռոցը մանրածիլ ծաղիկներու։ Ու թաղարներ, հազարներով, բաշխուած՝ բոլոր այդ ձեւերու կորութեանց կամ խաչաձեւման անկիւններուն, շարունակելով գիծը, բայց զատուելով միօրինակութենէ։

 

Աւելի հեռուն, պղտոր զանգուածը՝ հաւանաբար պտղատու ծառերու, բոլորն ալ մերկ, միջոցին վրայ կարկառելով անհուն տգեղութիւնը իրենց ճիւղերուն։ Պալատներու բուրաստանները չեն նուաճուիր բառէն՝ ինչպէս գոյնէն։

 

... Կառքը քալեց։

 

Արիշներէն անդին՝ աւազ։

 

Ու սուտ ոսկիին վրայ ըլլային սուտ սա անիւները։ Ձիերուն թեթեւ բոժոժնե՜րը, որոնցմէ ոստոստուն, մեղմ, մելամաղձոտ մեղեդի մը տարօրէն հաշտ կ’իյնար սա նկարին, զայն պարուրող ձմեռնամուտի խստութիւնը հերքել, տարտղնել ջանալով։

 

Կառքը քալեց, առանց կանգ առնելու ապակեայ գաւթակի մը մուտքին, առանձին կառոյց, հաւանաբար, յետոյ, դուրսը շինուած ու աւելցուած, տեղաւորուած պալատին մարմինին։ Ատիկա յաւելումն էր պոլսական յիշատակներու։ Ու ընելու համար այդ պատրանքը աւելի կատարեալ, անոր սանդուխը սկսած էր շատ լայն (ինչպէս էր նախատիպը, Վոսփորի եզերքին, ուր մարմար աչքերը ջուրէն կը բարձրանային չափազանց լայն, հատիկ-հատիկ, հետզհետէ ամփոփուելով, նեղնալով), վերը աւելի նեղ, առնելու համար նմանութիւնը ժամու խորանին աղեղնաձեւ ոլորքներուն, որոնց վրայ, տաղաւարներուն կը շարուէին զարդախաչերը ու ծաղկամանները։ Սողոմենց կնիկը խաչ հանեց։ Խելքի՞ն էր եկած։ Մինչեւ կառքին դադարը՝ անիկա ոչինչ հարցուց խոհարարին։

 

Կառքը կանգ առաւ։

 

Խիտ, մութ, թաղարով խղդուած հովանոցակ մը։ Պատկերը, խառնակ գիծերը, մշտաշարժ առարկաները կը ձեւազեղծեն մեր զգայութիւնները։

 

Անոնց գլխէն փախած էր երկինքը։ Ու անոնց ետին պարտէզը, յորդ, հեռու, խոշոր, կը թուէր ողողել, խղդել մուտքին փոքր դուռը, որ այնքան քիչ կը նմանէր առաջամասի հոյակապ կառոյցին։

 

Արաբ սպասուհի մը   --այդ պալատներուն համար հեքիաթը սեւ ծառաներէ կ’ախորժի–, քովէն կախ կողով մը։ Որ, բաղնիքի մը ներքնադռնակը յիշեցնող բացուածքի մը մէջ, խազմա ն քաշեց ճակատի կէսին ու մնաց անշարժ։ Դեղին անոր աչքերը ուռեցք էին, պայթելու մօտ, անշուշտ կիներու յատուկ հետաքրքրութենէն, ինչպէս սիրեց գուշակել Սողոմին մայրը, մասամբ պատրաստուած սա տեսարաններուն գեղի այն կնիկներէն, որոնք կը ճանչնային քաղաքը, իրենց աղջիկնութիւնը անցուցած ըլլալով անոր մետաքսի մանարաններուն մէջ ու հեռուէ հեռու մտերիմ Ջերմուկներու պալատներուն, անոնց առջեւ բացբերան հիացումով մը կեցած ու սեւ դռնապաններն ու սպասուհիները գրգռած ըլլալուն։ Պատանութեան այս տպաւորութիւնները դժուար կը մեռնին, ու անոնց ուժը իրենց բանաստեղծական սա այլուրութեանը մէջն է։ …Անոր մտքին մէջ մարմին եղաւ վերջապէս պալատը, որ, տաճկընալուն առիթով Սողոմին անունին հետ եղեր էր բերանը ամէնուն։ Ուշագրաւ է, որ այդ պատկերը ճոխութեան եւ զեխութեան զգայութիւններ արթնցնէր այդ մարդոց մէջ ու ըլլար զերծ արիւնի եւ ոճիրի մառախուղէն, որով պլլուած կը ներկայանան անոնք Արեւելեան Նահանգներու մեր արենակիցներուն։ Սողոմենց տիկինին միտքէն անցան դեռ ուրիշ ալ մանրամասնութիւններ, պատմուած գեղի հարուստներուն կիներէն, քանի որ նոր հիւանդութիւններ ամէն Մայիսի զանոնք կ’իջեցնէին Ջերմուկները։ Այդ կիները երդում կ’ընէին տեսած ըլլալ այդ պալատը, քաղած ըլլալ վարդեր, լուսնի չափ մեծ, որոնք ձողացանկին բացուածքէն դուրս կ’երկարէին իրենց բաժակները։ Ու անոնք կը յիշէին բաց լանտո ներ [217], որոնց մէջ հազիւ ծածկուած կնիկ մը, երկու աղջիկներու մէջտեղ, կը պտտէր Ջերմուկներու խճուղին, ջրուած՝ յատկապէս այդ անցքին համար, կը կեցնէր կառքը գեղջուկներուն, մուրացիկ կոյրերուն առջեւ, մտիկ կ’ընէր անոնց երգերուն, խաղերուն, աղօթքներուն։ Դիտուած էր անոր հաւասար մեղքնալը բոլոր թշուառներուն, հայ ու թուրք։ Միշտ այդ ականատես ու ականջալուր խաթուններուն հաւաստումովը, Սողոմը կը պաշտպանուէր անպատճառ այդ հանըմներէն, գոնէ մեծէն, որուն դէմքը կը նոյնանար վկայութեան համար բանտ կանչուած մարդոց հաստատումովն ալ, իրենց տեսածէն [218] ։ Յետոյ՝ այդ կիները կ’անցնէին խորհրդածութեան ու Սողոմին տաճկընալը կը կապէին, մահէն փախուստէն աւելի (կասկածելի էր ստուգութիւնը մահուան, քանի որ կախաղանը շատ հազուադէպ էր դարձեր, փոխարինուելով տասնհինգ կամ հարիւր-մէկ տարիով), այդ հանըմներէն կարգադրուած սատանայութեան մը։ Ասոնք մտածումներ էին, մտածումէ անմասն անոր ուղեղին համար, որոնք մէկէն թանձրութիւն առին։ Անիկա հաւատաց, թէ իր տղուն պալատին քարերն էին իր կոխածները։ Միայն չհասկցաւ, թէ ինչու ճերմակ չէին անոնք, քանի որ հեքիաթը միայն մարմար կը գործածէր այդ շէնքերուն մէջ իբր սալարկ։

 

Ու կը քալէր։

 

Քանի կը խորանային, կիսամութը կը շատնար, բայց աչքը չէր նեղուեր, հետզհետէ վարժուելուն։ Անցքի երկու երեսներուն բացուածքներ, ժամու մեծ պատուհաններուն նման փորուած եւ որոնց վրայ կամարը կոտրած գիծով մը նշաձեւ բեկում մը կը դնէր։ Դուռի տեղ, ճամիներուն մուտքը պատրաստող կաշեպատ ծածկոցներ, որոնք այդ նրբանցքին կու տային դժնդակ, անառարկելի թրքութիւն մը։ …Մինչեւ որ հասան լուսաւոր տեղ մը։ Համեմատական ջերմութիւնը, օդը լեցնող կերակուրի բարակ հոտերը Սողոմենց կնիկին յիշեցուցին պալատական խոհանոցները, որոնք մեծ էին աւելի, քան իրենց գեղին ամէնէն հարուստին տունը եւ ուր, օրուան որեւէ պահու, հինգ հարիւր հոգի ճաթեցնելու չափ ուտելիք կը ճարուէր, առանց դուրսէն գունդ մը հացի իսկ պէտքի։

 

Հոն առաջնորդող անցքին խղդուկ ու ցած թրքութեանը հակառակ, այդ խոհանոցը ընդարձակ սրահ մըն էր, նման անոնց, ուր կ’աշխատէին գեղին աղջիկները խոզակէն մետաքսը քաշելու համար։ Տաքութիւնը, շոգին, խաշանի [219] հոտը, ու խոշոր նոյն պատուհանները։ Ճերմակ ծեփ մը անոր պատերուն կու տար կիսամարմար ողորկութիւն։ Երկու կողմերու վրայ, այդ պատերը բաժնուած էին առէքներու, հանուած անոնց մարմիններէն, վրայէ վրայ, եւ ուր շարք-շարք կը բազմէին մեծփոր խալկինները, որոնցմէ մէկ քանին խոշոր էին, քան Սողոմենց բակի հազարնոց տակառները (ձիթապտուղ աղելու)։ Յետոյ՝ աւելի փոքրերը, աստիճանաբար իջնելով, մինչեւ ափի մեծութեամբը թասերուն։

 

Այդ անօթներէն մաս մը [220] առանց կլայի, մութ ոսկիի փայլ մը կը ցաթէր առէքներու ճերմակին, մաքրուած պղինձին տխուր, բայց պայծառ փայլը։ Ու կլայուածները, ըսես խաս արծաթ։ Մեծ կաթսաներէն եւ ափսէներէն շատերուն ականջին մօտ, ներսէն, մրջնաձեւ սեւութիւն մը գիրերու, որոնք պատմելու էին անունը զիրենք ստացող ու հոդ բերող փաշային, սպային, աղային, հանըմին, ինչպէս էր արդէն իրականութիւնը համեստուկ իրենց ալ տունին, հալաւի նուէրներուն   --պղնձեղէն մասը--   համար։ Պէտք է անցնիլ հնոցներէն, անոնց մետաղեայ մասերուն շլացուցիչ ողորկութիւններէն, տախտակեղէնին ջնարակէն, աղբիւրներուն փառ-փառ վառող ծորակներէն, ափսէ պնակներուն խոշոր, սենեակի չափ խոշոր դարաններէն, որոնք հեքիաթն ու սա իրականութիւնը իրարու կը վերածէին գեղջուկ կնոջ միտքին մէջ։ Մնաց որ, գեղացիին միտքը մէկ կը գործէ երկու աշխարհներուն ալ վրայ։

 

Քովնտի սենեակ մը։

 

Բարակ ու անուշ հոտ մը, որ մնայուն արտայայտութիւնն էր, դուք ըսէք՝ հոգին այդ սենեակին, թեթեւուկ բան մը բացաւ անոր ճնշուած ջիղերուն վրայ։ Կիրճէ մը յետոյ, հովիտին քնքուշ գուրգուրանքը, կամ արձակութիւնը սարահարթին, որոնք կը զգացուին աւելի խոր, աւելի բարի։ Ասկէ զատ պէտք է շեշտել հոտերուն մասնայատուկ կեանքը, առաքինութիւնները։ Որոնցմէ ոմանք մեզ պիտի պրկեն, նեղեն, չարչարեն։ Ուրիշներ՝ բանան, թեթեւցնեն։ Սողոմենց կինը չէր գիտեր, որ քսանէ աւելի տարիներ թերեւս այդ պատերը, մարմար սալերը, տախտակները ծծեր էին վարդի եղին նուաղուն հոգին հո՛տ՝ որուն տարփաւորն էր սարայլը ն, [221] շատ անգայտ՝ բայց հաւատարիմ։ Որ կը փաթթէր անոր մարմինը անտես իր շղարշին մէջ։ Իմաստուն մարձումներով շաղուըւելով մորթին ու բխելով անկէ դուրս իբր բուրումը միսին։ Այդպէս վարդացած էր, որ անիկա կը պտտէր պալատին բոլոր անկիւնները։ Հասկնալի՞, որ այդ հոտով ըլլային քանդակուած    --եթէ կը ներուի նման բացատրութիւն մը--    անոր խոհանոցը ու կից սենեակին ապրող առարկաները։ Սողոմենց կնիկը այցուեցաւ գեղի մառաններէն, չորեղէնի, քաղցուեղէնի յատուկ, ուր մտնողին «քիթը կը փրթի»։

 

Խոհարարը անոր ցոյց տուաւ աթոռ, հրեց ուսերէն ու նստեցուց գրեթէ բռնի։ Կ’ընէր այսպէս՝ ըլլալով ծանօթ [222] երգելու կանչուած մուրացիկներու վախին ու յամառ, շուարուն մերժումին տեղ մը նստելէ։

 

Յետոյ հանեց բաճկոնը։ Տակէն՝ մետաքսահիւս սալթա ն, որ անոր հաստ, բայց դէպի մէջքը նեղցող իրանը կ’ընդելուզէր, երանգ-երանգ, երիզաձեւ թելերով, բոլորն ալ ազնուազգի մետաքսէ։ Այդպէս պարտաւոր էր ան պտտիլ հանըմին ներկայութեան, որ Դամասկոսէն բերել կու տար անոր նիւթը եւ ամէն տարեմուտի իր ձեռքովը կ’անցընէր անոր կռնակը։ Այդպէս զգեստաւոր, անոր մարմինին վայելչութիւնը տպաւորիչ էր աշխարհէն ա՛լ ուրացուած Սողոմենց կնիկին համար անգամ, որ այդ զգացումէն զատ գտաւ տակաւին սեւութիւնը, խոր ձգողութիւնը անոր աչքերուն։ Ու գրաւիչ էր այդ մարդը, թաքուն իր անձնաւորութեան լուսապսակէն, մարդոց շէն մասէն, որ կեդրոն ունի դէմքը, բայց չ’ամբողջանար անով [223] ու նպաստ կ’առնէ անտես ուժերէ։ Կ’ըսեն, թէ մագնիսական հոսանուտով օժտուած աչքեր կան։ Կ’ըսեն, թէ այդ հոսանուտը, սեռին իսկութիւնն իսկ, այդ ճամբով աղբերացող դէպի սիրտերը ուրիշներուն։ Իրողութիւն էր, որ սարայլը ն հաւատարիմ էր իր տարփաւորին։

 

-- Ո՞ւր ես, գիտե՞ս, քուրո՛ւկ։

 

«Քուրուկը» բերանը բաց, աչքը ժուռ կ’ածէր [224] մարդէն՝ մածունով ներկուած ապակիներուն, ինչպէս կը կարծէր գիտնալ, ու մարմարներուն, որոնց մաքրութիւնը կը կրկնուէր առաստաղին միակտուր մարմարովը, որ պարզ իւղաներկ մըն էր, բայց անփորձները կը տպաւորէր այլապէս։

 

-- Սարայ ն ես, սարայ ը։

 

-- Սողոմի՞ն սարայ ը։

 

Քոմանտան փաշային հետաքրքրութիւնը դէպի ոճրագործը, զայն տաճկընալու մղող ազդակները արձագանգած էին գեղ, անշուշտ խոշորցած ու խեղաթիւրուած։ Ժողովուրդի երեւակայութիւնը զայն ըրած էր տէր քանի մը պալատի։ Բացի մօրմէն՝ քիչեր կը զբաղէին գնովը այդ պալատներուն։ Պէտք է ճշդել մասնաւոր ալ պարագայ մը, որուն համեմատ տաճկընալը կը թուէր կորսնցուցած իր սարսափին մեծ մասը։ Ջարդերէն առաջ, գերդաստանի մը հասնելիք խորագոյն նախատի՛նքը, Ջարդերէն ետքը, հասարակ աղէտ մըն էր, որ կը շահագրգռէր ուղղակի ենթական, ժառանգութեան (սերմի) արատէն մնալով անմասն։ Սողոմին սարա՜յը, կ’ըսէին, կը խնդային գեղացիները ու կը քաշքշէին հաւտացողները։

 

Խոհարարը, առանց հեգնութեան, հարցուց.

 

-- Ո՞վ տուաւ սա սարայ ը Սողոմին։

 

-- Էս գիտե՞մ, օղուլ, կ’ըսեն։ Մարդոց բերանը ընկոյզի տոպրակ չէ, որ կապես։

 

-- Գեղը շատ բան կ’ըսեն։ Դուն հիմա ինծի տուր, հեմ աղէկ դիէն, քու [225] ատ ականջներդ, կը հասկնա՞ս։

 

-- Կը հասկնամ, օղուլ, կը հասկնամ։

 

-- Ան ատեն աղէկ։

 

Ու այդ «աղէկ»ին վրայ քաղցրացաւ անոր դէմքը։ Մեր ըսելիքը, իր թոյնովը կամ շաքարով, դեռ դուրս չելած, կը ճառագայթէ մեզմէ։ Համաձայն մեր մտածումին կ’ըլլանք խիստ կամ մեղմ։

 

-- Հանը՞մը։

 

Ու պարզուկ անոր բերանը սրտառուչ վախի մը մէջ կրկին բաց մնաց։ Անիկա շատ կը լսէր այդ կիներէն, աղուոր, խելացի, զօրաւոր, որոնք իրենց «ափին» կը պահէին կապը հարիւրով մարդերու։

 

-- Հոս, հանըմը։

 

-- Ի՞նչ ունի ինծի հետ։

 

Իր խեղճութիւնը կը կաթկթէր բառերէն։

 

-- Աղէկ չեմ գիտեր։ Ինչ ալ ըսէ, խօսքը երկուք չընես, հա՛։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Այնպէս։

 

-- Թուրք չէ՞։

 

-- Թուրք է, ամա մինակուկ ծախու կ’առնէ մեր գեղին պիւթիւն խաթունները։

 

-- Ըսել է ծովուն պէս օսկի ունի։

 

-- Չհասկցար, քուրուկս, փարային չէ խօսքս։ Դուն խապար ունի՞ս ինչ է բնութք ըսուածը։

 

-- Մեղա՜յ, ինծի օրանի աղջի՞կ կը սեպես, ի՛նչ է։ Հոգին չելած՝ բնութքը չ’ելլեր կ’ըսեն։

 

-- Իշտէ ատ։

 

-- Է, տաճիկ չէ՞։

 

-- Մի նայիր դուն տաճկութեանը։ Հայ-քրիստոնեաներուն մէջ պիլէ չկայ նմանը։

 

-- «Աստուծոյ հրաշքը», - արտաբերեց կամացուկ, գրեթէ ինքը իրեն, մտածողի երանգով, Սողոմենց տիկինը։

 

Դուռներու բախումներ, հեռուներէն, որոնք կը յիշեցնէին բաղնիքի հարուածները։ Տեսակ մը խուլ իրարանցում։ Անիկա ի զուր աչքերը կը սեւեռէր ներկուած ապակիներուն, որոնք տեղի զգայութիւնները անկարելի կ’ընէին իրեն։ Բայց պատերը չէին դադրած թափանցիկ ըլլալէ, քանի որ անոնց միւս կողմէն քայլերը կ’որոշուէին։ Յետոյ ճշդեց, որ շատ մը ձայներ, գրեթէ բոլորը ճամբայ ունէին, բաց դուռնէն, դէպի սա սենեակը։ Ո՞վ էր սա հողերուն խորը, այսպէս թաղուած մարդը։ Անիկա կ’այրէր հարցումէն։ Օգտուելով ձայներու ընդհատէ մը.

 

-- Դուն ո՞վ ես, օղուլ ։

 

-- Կերակուր եփող։

 

-- Հոս ի՞նչ գործ ունիս։

 

-- Ըսի՝ կերակուր կ’եփեմ։

 

-- Իրե՞նք ինչու չեն եփեր։

 

Խոհարարը ունեցաւ մեղմ քմծիծաղ։

 

-- Օտարին եփածը համ կ’ունենա՞յ։

 

-- Քու խելքդ շատ բարակը չի կտրեր, կը նայիմ։ Ձեր գեղին հարուստները իրենք կ’եփեն, չէ՞։

 

-- Մեղա՜յ, հապա ո՞վ եփէր պըտը։

 

-- Հոս ուրիշ է, քուրո՛ւկ։

 

-- Ըսել է դուն ասոնց դուռին ծառան ես։

 

-- Խոհարարը։

 

-- Մէկ չէ՞։

 

-- Ո՛չ։

 

-- Թող ըլլայ ըսածիդ պէս։ Շատո՞նց է հոս ես։

 

-- Քսան։

 

-- Տարի՞։

 

-- Հապա շաբա՞թ։

 

-- Ի՞նչ գիտնամ, օղուլ,   տաճկըներուն դուռը դուն ընտոր կը մնաս ասչափ տարի։ Ո՞ր գեղացի ես։

 

-- Հեռուներէն։

 

-- Ղարիպ ես ըսել է։

 

-- Անոր պէս բան մը։

 

-- Քանի՞ զաւակ ունիս։

 

-- Զաւակ չունիմ։

 

Թէ՛ դժուար, թէ՛ փոխուած սա յայտարարութի՜ւնը։ Սիրտերը վարող ո՛ր անծանօթ օրէնքին ուժովը երանգի սա այլացումը հասաւ մինչեւ սա գեղացի կինը, որ քիչիկ մը շփոթ, բայց խորապէս մեղքցող՝ աւելցուց.

 

-- Տէրը լուսաւորէ բոլորին ալ հոգին։

 

-- Մեռած չեն, քուրո՛ւկ։

 

-- Ըսել է չես ունեցած։ Տէրը ինքը հասնի կնկանդ։

 

-- Չեմ կարգուած։

 

-- Չես կարգուա՜ծ։ Չկարգուած մարդ կ’ըլլա՞յ։ Մեղա՜յ։ Ողորմութեանդ մեռնիմ, Տիրո՛ւկ։ Աշխըրքին ետքն է եկեր, մենք խապար չունինք։

 

-- Ուրկէ՞ կը հանես աշխարքին վերջը։

 

--   Տալեան ի պէս երիտասարդ ես, օղուլ ։ Անո՞ւնդ ինչ է։

 

-- Աւետիս։

 

-- Մանչուկիս անունը։

 

-- Սողոմ չէ՞։

 

-- Սողոմէն զատ չորս հատ ունիմ։

 

Խօսակցութեան սա գնացքը բաւական խռովի՞չ էր, որպէսզի երկուքն ալ լսած չըլլային քայլեր։ Դրան՝ բուսած էր աղջիկ մը, որ մատը բերնին կը նայէր լռիկ։

 

Հասակ, դէմք, մազերու հիւսք, մա՛նաւանդ մարմինի հով կ’ըսէին ատիկա։ Ամէն կին գիտէ, դիւրաւ կը թափանցէ թաքուն իմաստը, որ աղջիկն է, քանի որ անցած է մէջէն։ Քիչ՝ բայց փափուկ կարմիր մը սրտագրաւ կ’ընէր դալկութիւնը անոր դէմքին։ Յայտնի էր, որ վազեր էր՝ խոհանոց գալու համար։ Շունչին մեղմ յուզումը կը թուէր աճեցնել անոր փոքր կուրծքը, ժպիտի մօտ ընդառաջող այն բա՛նը՝ որ անծանօթը մեզ կ’ընէ մատչելի, առաջին իսկ հանդիպումէն։

 

Աչքով խօսեցաւ վարպետին հետ ու մտաւ ներս։

 

Հետը՝ հոտը, ինչպէս կը պատահի ասիկա, երբ մեր մարմինը անցնի վարդենիներու ածուներէն, կամ մօտիկէն՝ ռեհանի թաղարներուն։

 

Վայելչութիւն, մաքրութիւն, մազերն ի վար հանգուցուած համայիլներուն մութ ուժը, մարդամօտութիւն, համեստութիւն ու անվրէպ գրաւչութիւն։ Ասոնք երբեմն կը միանան աղջիկներու վրայ, դասական գեղեցկութենէն տարբեր հրապոյրով մը ու մեզ կը կապեն։ Անիկա կեցաւ ճիշդ քովիկը՝ բերանաբաց տիկինին։

 

-- Անոր աչքերը ունի։

 

Ինքնիրեն, խօսքը տարտամօրէն ուղղելով խոհարարին, որ յօնքերուն վրայէն անցուց իր մատը, քրտինքը քամելու համար։ Ձմեռուան մէջ սա քրտի՜նքը։ Ուրիշ ատեն Եղնիկը զայն պիտի քաշքշէր այդ «տաքութեան» պատճառները փնտռելով։

 

-- Թուրքերէն գիտե՞ս, մայր։

 

-- Քիչ մը։

 

-- Կը բաւէ, իրար կը հասկնանք։

 

Աթոռ մը քշեց անոր դէմը ու նստաւ, ինչպէս կը նստէր՝ տարի առաջ, Հաւատիսին ծունկերուն, շփացած ու տխուր։

 

-- Ի՜նչ ալ մարդամօտ է, - ըսաւ սուսիկ Սողոմին մայրը խոհարարին, որ պարտաւորուեցաւ թարգմանել նախադասութիւնը, գոհացում տալու համար Եղնիկին։

 

-- Աղէ՛կ, - աւելցուց ժպտելով, - ձեր կողմի աղջիկները մարդոց չե՞ն մօտենար։

 

-- Հարուստին քիթէն ինկողը հազար կտոր կ’ըլլայ։

 

Սողոմենց հարսը լեզուանի կնիկ էր, կռիւի՝ ինչպէս գովքի մէջ, ու համ ունէր բառերէն։

 

-- Քանի՞ տարեկան ես, մայր։

 

-- Ի՛նչ գիտնամ, աղջիկս։

 

-- Ինչպէ՛ս չես գիտնար։

 

-- Մեր կողմերը աղջիկները հարս ելած ատեն մինակ տարիք կ’ունենան։

 

-- Օ՜, ատ լաւ, - վրայ տուաւ աղջիկը, ազատ ու կուշտ խնդալով։ Ու այդ խնդուքը կը յարդարէր անոր դէմքը, իմաստ մը թափելով միսերու շէնքին։ Երբեմն կը պատահի ասիկա։

 

-- Ե՞տքը։

 

-- Հեղ մըն ալ՝ կեսուր դառնալնուն։

 

-- Ատ աւելի լաւ։ Դուն խելացի կնիկ կ’երեւիս։ Ըսէ տեսնեմ, մօ՞տ է քու կեսուր ըլլալդ։

 

-- Մօտ էր, հիմա, հեռու է ա՛լ։

 

Աղջիկը հասկցա՞ւ չըսուած մասը, իմաստը նախադասութեան, որպէսզի ելլէր ոտքի, քալէր պատուհան։ Մատիկները ապակիներուն՝ անիկա կը նուագէր անծանօթ եղանակ մը, երբեմն սուլելով, երբեմն մրմնջելով, բարակ՝ բայց բաւական արտայայտիչ, որպէսզի Սողոմենց կնիկը բաւական յուզուէր, այցուելով ձայնին այն կրակէն, որով նոյն հողերուն, նոյն երկրին երգերը վերածելի են իրարու, ինչպէս բուսականութիւնը։ Յետոյ՝ փախստեայ «ամա՛ն» մը, որ երգ մը կը վերջացնէր, նոյնքան խռովիչ, որքան Սողոմին «եամա՜ն»ը։ Եղնիկը կ’ընէր այսպէս, Հաւատիսին ծունկերէն նետուելէ ետքն ալ, երբ, ձայնին ճամբով, իր մէջ մութ, անհաս, անորոշ ուրիշ ձայներ դպէին կարգ մը կսկիծ տուող լարերու։ Ցե՞ղ, տարի՞ք, արի՞ւն։ Անոր մայրը այդ խռովքները կը տարտղնէր, զինքը առնելով ու դաշտերը իյնալով, հոծ ու գեղեցիկ, ամայի՝ ինչպէս հիւղակով մասերուն մէջ։ Ուր կը մոլորէին անոնք քանի մը ժամ, մինչեւ որ կթոտէին ծունկերը ու մարմինը իյնար ։ Որքան դժուար կ’աճին աղջիկներուն հոգիները ու ի՜նչ վտանգներու հետ, գիրկ գիրկի՜։

 

-- Ինչո՞ւ փախար։

 

Համարձակ էր Սողոմենց տիկինը։

 

Զարմացկոտ՝ աղջիկը դարձաւ [226] անոր։

 

-- Ինծի՞ ես, մայր։

 

-- Հապա որո՞ւ։

 

Քովն էր, այս անգամ ոտքի։ Անոր մէկ ձեռքը տեղաւորեց կնոջ գլխուն՝ հասունցած յունապի գոյնով չէմպէր ը [227] ։ Ընտանի՛, հինէն ճանչուոր։ Հա՜յ՝ մա՛նաւանդ։ Կեավուր ի [228] աչքով անիկա կը շնչէր [229] մատղաշ անոր ձեւերը, կոնքերուն շրջագիծը ու ծիծերուն պարոյրը, հազիւ նշմարելի։ Ոչ մէկ վախ՝ այդ զննութեան պահուն։

 

-- Շա՞տ կը սիրես տղադ։

 

-- Առջինեկս է։

 

-- Միւսներէն աւելի՞։

 

-- Պապային տեղը կը բռնէր։

 

-- Պապա՞ն ալ սեւաչք էր։

 

-- Սեւաչք։

 

-- Նշանա՞ծը։

 

-- Աղէկ է ա՛լ [230]. վէրքերը՝ գոցուելու վրայ։

 

-- Բոլորովի՞ն։

 

-- Բոլորովին։

 

Թեթեւ հով մը անզգալի, Սողոմին մօրմէն, դպաւ ու անցաւ Եղնիկին դէմքին։ Մեր դէմքին միսերը ջուրէն ալ կակուղ են երբեմն։ Անիկա բացաւ լայն՝ իր արդէն լայն աչուկները ու ձայնով մը, որ ժպիտ ու տրտմութիւն էր հաւասարապէս, հարցուց տիկինին.

 

-- Շիտակ ըսես պիտի, աղուո՞ր աղջիկ է։

 

-- Ըռինդուկ է, զաւակս, մազ, պոյ, ըքուի…

 

Դեռ չէր աւարտած անիկա գովեստը Սողոմին նշանածին, երբ զգաց, որ բան մը կը թափէր, մասով մը` վրան։ Եղնիկին մազերն էին, յանկարծակի արձակուած իրենց վրայէն [231] ։ Անուշահոտ, մետաքս այդ հեղե՜ղը։ Առատութի՜ւնը։ Հապա երկա՞յնքը։ Միւս կէսը մօտ էր հասնելու կրունկին։

 

-- Շիտակ ըսէ, այսչափ մազ ունի՞։

 

Երանելի ժամանակներ, երբ աղջկան մը մազերը կ’անցնէին երգի։

 

Սողոմին մայրը վախով ու հաճոյքով մատներուն մէջ առաւ եղկ, տաքուկ, գրեթէ գրգռիչ այդ թելերը, ապրշում ճմռելու ձեւով մը։ Ամէն գեղացի զգայուն մատներ ունի հանդէպ թելերու, որոնց շատ մը տեսակները կը գործածէ տնական հիւսքերու։ Հայերուն մօտ մազերու օծումը ընդհանրացած չըլլալուն՝ Սողոմենց կնիկը զարմացկոտ աչքերով հասկնալ կը ջանար ի՛նչն էր, որ խռովիչ, գրեթէ գրգռիչ կը դառնար անոնցմէ։ Մոռցե՞ր էր տղան, անոր սպասող ողբերգութիւնը, զբաղելու համար սա տղու խաղերուն։ Աւելի՜ն։ Այդ մազերը իր մէջ կ’արթնցնէին ուրիշ ալ բաներ։ Ինքն ալ ունեցե՜ր էր [232], սա աղջկանը տարիքին։ Ու տեսաւ, որ անոնց ալիքին վրայ կրիայի շրջուած պատեաններու նման կը լողային մեղմ՝ սանտր ու համայիլ, ոսկիներով ընդելոյզ ուրիշ առարկաներ, որոնց անունը չունէր անիկա։

 

Հաւատիսը քաշեց ուժով աղջկանը թեւէն, որ, հնազանդ, ինչպէս զաւակ մը, գնաց կռթնելու խոհարարին։ Գրեթէ կը հասնէր անոր կզակին։ Քով քովի, երկու դէմքերուն վրայ կաղապարի նոյնութիւն մը, որ տարածուեցաւ աչքի ու յօնքերու ալ յարդարանքին։

 

-- Ի՜նչ ալ կը նմանիք իրարու։

 

Պարտաւորուեցաւ հայերէն ըսուած այս նախադասութիւնը թարգմանել Եղնիկին, որ, ճառագայթուն, բռնելով խոհարարին դունչը, կը պոռար.

 

-- Տեսա՞ր, տեսա՞ր։ Ե՞ս ըսի։

 

Անոնց կռի՜ւը, հայլիներուն առջեւ։ Խոհարարը միշտ հերքելով նմանութեան «առասպել»ը, մայրը՝ միշտ խուսափելով մօտենալէ հարցումին։ Աղջի՞կը։ Սիրելով այդ մութ մասը իր հաճոյքին, որ խոհարարին շունչէն, ներկայութենէն կը բացուէր իր մէջ։

 

-- Ի՞նչ է անունդ։

 

-- Եղնիկ, - պատասխանեց աղջկան կողմէն խոհարարը, խօսակցութեան փոխուելէն յայտնապէս ախորժած։

 

-- Ինչ ալ շիտակ անուն։

 

Եղնիկը խնդաց առատ։ Յետոյ, քիչիկ մը հակած դէպի նստող կինը, չարաճճի` ինչպէս կ’ըսեն, հարցուց.

 

-- Ըսէ նայիմ, ինչո՞ւ։

 

-- Տեսեր եմ։

 

-- Ի՞նչ։

 

-- Եղնիկ։

 

Իրաւ ալ, մորթին թեթեւ դալկութեանը վրայ, անոր աչքերը լայն-լայն, մասնաւորապէս դեղինի զարնող խորք մը կը բանային, որոնցմէ ներս, բիբին սեւը, պճլտուն, գծաւոր, կը թուէր մեծնալ, պզտիկնալ։ Բայց ուշագրաւը՝ գողտր ու տպաւորիչ վայելչութիւնն էր, որով այդ դէմքէն, մազերէն, հասակէն, հոտէն, զգեստէն կը ստեղծուէր մէկ պատկեր։ Երիտասարդ մը այդ զգայու [233] թիւնը կ՛օգտագործէ շատ պարզ բանի մը -- դուք դրէք անունը: Բայց տարիքը առած ամէն կին գեղերու մէջ կեսուրցու աղջիկներու հետ իր առաջին հանդիպումը կը շահագործէ տարբեր հոգեբանութեամբ։ Ամէն աղջիկ հարսնցու մըն է անոր աչքին։ Ու ամէն աղջիկ մարմնական շէնք մը, որուն վայելչութեան, գործածելով ճիշդ բառը՝ գեղեցկութեան համար բծախնդիր է անիկա, նոյնիսկ ամէնէն համեստ սեմերէն ալ ներս։ Յետոյ պիտի գայ հոգեկանը, բայց պիտի գայ աւելի գերակշիռ։ Կեսուրը քիչ անգամ ունայնամիտ է մարմնականով պարծենալու. ինք պիտի չառնէ անշուշտ իր ծոցը։ Բայց խորապէս կապուած է հարսին բնութքին, որ տունին մէջ խաղաղութեան աղբիւրը պիտի ըլլայ։ Ո՜վ փորձառութիւնը տարիքն առած կիներուն։ Ինչե՜ր ալ գտած են այդ զգայութիւնները տպաւորիչ ձեւով մը ուրիշներուն կտակելու։ Անոնք որքան լաւ կը պատկերեն փախստեայ գեղեցկութիւնը, շնորհները, որոնք աղջիկ մը այդքան պուպրիկ կ’ընծայեն, բայց գարնան ձիւնին նման «մաղ մը արեւի» կը հալին արագ։ Երեք զաւկի ցաւ բաւ է՝ խախտելու անմահ կաղապարը կիներու դէմքին։ Չորրորդին՝ անիկա ինքզինքը պիտի սպառէ: [234] Մինչ այդ՝ աւլուած է մեր ոսկորներէն ինչ որ պատանութիւնը դիզեր էր անոնց շուրջը։ Միսը կ’անցնի ։ Բայց հոգի՞ն։ Պիտի աճի։ Ու ա՛ն է, որ պիտի կազմէ զաւակները, ասոնց վրայով՝ ցեղը։

 

Անգիտակից՝ բայց խոր սա մտածումնե՞րն էին, որ տարազի վերածուեցան Սողոմենց կնիկին բերանէն։

 

-- Երեսին մեռոն կայ, օղուլ ։

 

-- Չըսի՞ քեզի։

 

Աւելցուց, յաղթական՝ խոհարարը, նոյն ատեն տրտում, որ չէր կրնար հարազատ խորհուրդովը թարգմանել նախադասութեան փոխաբերած իմաստը, հակառակ անոր, որ Եղնիկը ծանօթ էր բառին հնչումին։ Անիկա ամէն ծնունդի, Հաւատիսին բերանէն կը լսէր այդ բառը։ Ու շինած էր մտքին մէջ խոշորկեկ, բայց աղքատ ու հին շէնք մը ինչպէս ըլլալու էին հայերուն բոլոր ժամերը–, այն հեռու եկեղեցին, ուր, ոսկի եռոտանիին վրայ, ոսկի կաթսայ մը կ’երեւակայէր, իրենց մէկ սանին մեծութեամբ։ Հազար ծաղիկներու հոգին ինքնիրեն պիտի եռար, երբ հին սուրբ մարդու մը աջը խառնէր այդ կաթսան ու պիտի վերածուէր դեղին նիւթի մը, որմէ կաթիլ մը բաւ էր մարդը փոխելու։ Հեքիաթը ազգութիւն չունի։ Հարիւրով պատմած էր անոնցմէ վարպետ Հաւատիսը, բոլորն ալ լեցուն՝ երկինքէն իջնող լուսերով, ողջնցող մեռելներով, առողջացող հիւանդներով, հայոց աշխարհին տրտում բարութեամբը, այնքան տարբեր թուրք հեքիաթներէն, ողողուած դեւով ու թագաւորով, սուրով ու կրակով։

 

-- Կազէ՜լ…

 

Կամարի տակէ ճամբորդող ճիչերուն, կանչերուն ճակատագիրն է աճիլ ու թանձրանալ։

 

Եղնիկը թռաւ։

 

Ու անոր ձայնը, պատասխան, անուշ էր, «մեռոնոտ»՝ ինչպէս կարծեց զգալ անոր ետեւէն գորովով հիացիկ մայրը Սողոմին։

 

-- Հո՜ս եմ…

 

Առանց լքելու սենեակին սեմը, սպասող՝ անիկա կիսովի դարձած ներս.

 

-- Մամաս։

 

Չէր գիտեր, թէ ի՛նչ պէտքի ներքեւ ըսաւ վերջին բառը, վասնզի խոհարարը կարօտ չէր այդ ծանօթութեան ու գեղացի կնիկը՝ գեղացի կնիկ՝ քիչիկ մը լեցուն բանով մը, որ «արմանքը» չէր իրենց թաղամէջի նիստերուն, երբ կը կտրէին, կը ձեւէին աշխարհին կարգերը, համաձայն իրենց չոր- [235] տախտակ տուներուն։ Այդ պալատներուն ներսն ալ հասուկ աղջիկներ կային, որոնք իրենց մօրը խօսքը կ’ընէին յուզումով։

 

Խոհարարը, կամացուկ՝

 

-- Հանըմն է եկողը։

 

Աւելի կամաց, գրեթէ ականջին՝

 

-- Խօսքը երկուք չընես, հա՛…

 

«Մայր» ու աղջիկ ներսն էին արդէն։

 

Թարմութիւնը, մա՛նաւանդ մորթայինը՝ պահած, քիչիկ մը դէպի կլորութիւն հակող կին մըն էր «հանըմը»։ Անկէ առաջին այդ տպաւորութիւնը՝ վասնզի տարիքներու հաւասարութիւն մը նախապէս աշխատեր էր Սողոմին մօրը մտքին։ Բայց տաճի՞կ։

 

Քառսուն վկայ պէտք էր այդ անուշիկ ձեւին մէջ տեղաւորելու համար ինչ որ մեր կիներուն երեւակայութիւնը կը յօրինէ այդ գազան, անբարոյ, վայրագ արարածներէն, փաշաներու ծոցին կամ թուրք գեղերը, հսկայ սօսիներու ներքեւ պորտ խաղցնող ու տունը աւրող ճահիլներուն։ Չունէր մա՛նաւանդ դասական սաւանը, որով խանձարուրուած էին անոր մտքին մէջ բոլոր թուրք կիները, դրացի գեղերու հարուստկեկ պէյերու ապրանք, ձիով, փայթոնով, բոլորովին փակ, մինչեւ իսկ բերնէն, կամ այն միւսները, գաղթականներ արտերու վրայ, իրենց մէկ ձեռքը փորող գործիքին, միւսն ալ՝ ղեկավարելու ֆէրաճէ ն։ Մօտիկէն կը յիշեցնէր իրենց գեղին մէջ-կնիկները, սանկ երսունէն վեր, զաւկէ քիչ, կտոր մըն ալ թեթեւէն [236] ախտաւոր, որոնք իրենց հարսնութեան հրապոյրներէն բաւական բան կը յաջողէին փրկել, իրենք զիրենք հեռու պահելով լուացքէ, թրելէ (հաց), ծանր բեռներ վերցնելէ, դիմանալով միսէ, որ արժէք ունի գեղացիին «պռկըներուն», մորթէ    --երբեմն մինակ փոխարինող աշխարհ մը դաժանութիւն ու մեղք--    ու շէնքէ, աս ալ բաւարար պարծանք խոշորկեկ տունի մը ներքին արժէքէն։ Ասոնք, «աչքին լոյսը» [237] իրենց էրիկներուն, կը հագուէին տարբեր՝ միջին տարազէն, հոտելով քաղաք, ուր կ’իջնային հեղ մը քանի մը տարին, բժիշկներուն, Ջերմուկներուն ու աւելի նրբացած, աւելի բացուած կը դառնային իրենց թաղերը, պատմելու համար «Պուսավու» [238] (Պրուսայի) գեղեցկութիւններէն, թուրք հանըմներուն հոյակապ մարմիններէն։ Ու կը հասնէին ուրիշներու, իրենց ձեռքէն եկածը չզլանալով իբր խելք ու թելադրութիւն, գեղին փոքրերը, հարսնուկները զարնող զանազան յանկարծահաս ցաւերու առջեւ։ Անոնց համեստութի՜ւնը, խնայելու իրենց տպաւորութիւնը իրենց տարեկիցներուն, անոնք ալ կնիկ, նոյն շաբթու ծնած, բայց երեսուն չեղած` արդէն աւերակ։ Մեր միտքը շինուած է այսպէս։ Հոն ինկող մէկ հատիկ զգայութիւն ծնունդ կու տայ ուրիշ հազարներու, որոնք իրերանցիկ՝ ինչպէս ջուրին երեսին միակեդրոն շրջանակները, կը շարունակեն տարածուիլ ու լոյսին բերել անբացատրելի զգացումներ։

 

-- Բարի եկար, մայր։

 

Ու կակուղ, ադամանդով ողողուն իր ափը երկարեց անիկա Սողոմին մօրը։ Նայեցան հանդարտ երկուքը իրարու։ Չափաւոր հասակ մը հանըմը կ’ընէր քիչիկ մը պարզ ու ընտանի։ Այս զգայութեան կը նպաստէր ձայնին ալ կշիռը, որ մեղմ ելաւ չափազանց, հեռու՝ թուրքով արմատացած քլիշէ էն։

 

Ու, դառնալով խոհարարին՝

 

-- Հասկցուր տիկինին, որ չվախնայ մենէ. իրեն բարիք միայն կ’ուզենք մենք։

 

-- Հասկցայ։

 

Մտաւ մէջ Սողոմին մայրը։

 

-- Ըսել է գիտես մեր լեզուն. աւելի լաւ։

 

Առեր էր խոհարարէն հրամցուած աթոռը մէկ ձեռքով, մինչ միւսը թեւէն բռներ, ոտքի կնիկը։ Հպարտութեան սա պակա՜սը, որմէ ամէնէն շատ կը տպաւորուին աղքատները, երբ շփումի մտնեն դրամի իշխաններուն հետ։

 

-- Նստէ։

 

Քաղցր։ Ու, դառնալով Եղնիկին՝

 

-- Ֆերուզէն քեզ կ’ուզէ։

 

Սո՞ւտ։ Իրա՞ւ։ Աղջիկը ելաւ դուրս։

 

Եղնիկին ուղղուած բառերը ծանր հեղինակութիւն մը զգալի կ’ընէին, անուշ խստութեամբ մը երանգաւոր։

 

-- Հաւատի՛ս, ըսի՞ր իրեն, որ պիտի չմերժէ զիս։

 

-- Ըսի, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Լաւ։

 

Սողոմենց կինը նկատեց, որ անոր շեշտը, Հաւատիսին հետ, տարբեր էր, աւելի մօտ իրեն դէմ գործածուածին։

 

Ու դրաւ կամացուկ իր դողդոջուն ափը Սողոմենց տիկինին ծունկին, որ դողաց այդ կակուղ բանէն։ Թուրքերու ազնուականութիւնը կը զատուի Արեւմուտքին խստամերձ [239] ձեւակերպութիւններէն։ Կինը մա՛նաւանդ շատ մօտիկ է զանգուածին։ Սարայլը ն, առանց այս օրէնքին, քաղցր էր [240] արդէն շինուածքով։ Բարակ հոտ մը, նոյնը՝ որով կը թուէր ողողուած սա սենեակը, զայն առած էր շոգիի մը մէջ։ Սողոմենց կինը դիտեց, որ զգեստին գոյնն ու այդ մարմրուկ հոտը իրարու կը նմանէին։

 

-- Դուն գիտե՞ս, որ ինչ գործի համար այսպէս աճապարանքով կանչուած ես մեր քաղաքը։

 

-- Գիտեմ։

 

-- Շատ լաւ։

 

Ու, մանրելով իր աչքերը, որոնց ալ գոյնը մօտ էր ծածանող հոտին, հարցուց անիկա.

 

-- Կը սիրե՞ս զաւակդ։

 

Սողոմին մայրը չէր հասկցած։

 

-- Որո՞ւ կ’ըսես, հանըմ։

 

-- Քեզի։

 

-- Ինծի՞։ Ո՞ր մօրը կարելի է ատանկ հարցում։

 

-Լա՛ւ։ Այդ շատ սիրած զաւկիդ համար, անոր կեանքը ազատելու համար, այսօր կ’ուզեմ, որ չերթաս տեսնուելու տղուդ հետ, ինչպէս պատուիրած ըլլալու են ձեր մեծերը։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Ուրկէ՞ եկար հոս։

 

-- Ժամէն։

 

-- Ի՞նչ ըսին։

 

Սողոմենց տիկինը մտածեց։ Չէ՞ր յիշեր [241], թէ մտիկ չէր ըրած հայոց առաջնորդին կարգադրութիւնները։

 

-- Միտքս չէ, - պատասխանեց անիկա, ամչկոտ ու վախով։

 

-- Աղէկ. իմ ուզածս քիչ բան է հիմա, մայր։ Քահանային հետ բանտ պիտի չերթաս տղադ տեսնելու։

 

Սողոմենց կինը մնաց լուռ։

 

-- Չհասկցա՞ր։

 

-- Հասկցայ։

 

-- Ինչո՞ւ չես պատասխաներ։

 

-- Ի՛նչ պատասխանեմ, հանըմ։ Ինչպէ՞ս չերթամ տղուս քով, մայր եմ ես։

 

Ու կը դողար ձայնը «մայր»ին վրայ։

 

-- Մայր ես ու ճիշդ ատոր համար երթալու չես։

 

Սողոմենց կինը, սեւե՛ռ։

 

-- Հարկաւ քեզի հասկցուցած են ամէն բան։ Անոր կեանքը ազատելու համար ուրիշ ճամբայ չկայ։

 

-- Հանըմ, անուշիկ աղջկանդ արեւուն, կ’ուզե՞ս, որ ազատի իմ տղաս։

 

-- Ազատելէն աւելին է ուզածս։

 

-- Ի՞նչ է աւելին։

 

-- Անոր ալ ատենը կու գայ ու կ’իմանաս։ Հիմա քեզմէ ուզուածը այսօր բանտ չերթալն է։

 

-- Ի՞նչ է վնասը իմ երթալուս։

 

-- Վնա՞սը։ Շատ մեծ։

 

Անոր ձայնը տկարացաւ։

 

-- Տղադ կը մեռնի։

 

-- Ինչպէ՞ս։

 

Սիրտէն զարնուած՝ Սողոմին մայրը նետուեր էր ոտքի։ Անոր դէմքին ինկած էր անյատակ յուսահատութիւն։

 

-- Նստէ։

 

Ու դրաւ մեղմով զայն իր աթոռին։

 

-- Նստէ՛։ Տղադ կ’ուզէ այդպէս։

 

-- Տղաս ի՞նչ կ’ուզէ։

 

-- Կ’ուզէ որ չերթաս իրեն։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Դուն ատիկա չես կրնար հասկնալ հիմա։

 

-- Դուն գիտե՞ս։

 

-- Հարկաւ։

 

-- Աւետիս աղան ալ գիտէ՞։

 

-- Ի՞նչ օգուտ անոր գիտնալէն։ Անոնք օտար են։ Մայրը միայն կը հասկնայ։

 

-- Մա՜յրը։ Կուրնային աչուըներս։

 

-- Մի ըսեր այդպէս։ Ինչո՞ւ կ’ըսես։

 

-- Չհասնէի աս օրերուն։ Սիրտս վառուած փուռ է աս քանի ամիս է, հանըմ։ Տղայ ունի՞ս։

 

-- Աղջիկ։

 

-- Մէկ է։ Ան ալ ճիկէր էն փրթած է։

 

Խօսակցութիւնը ինքնաբերաբար ստեղծեց եղերական այն մթնոլորտը, որ մահուան ներկայութեամբ է պայմանաւոր։ Գեղացի կիներ, օրուան հացին պէս օրուան լացը ունին իրենց բաժին։ Մեռելէ զերծ չկայ տուն։ Ու իր գործերը կատարած ընթացքին կինը կը յիշէ զաոնք, մեռելները, որոնց հոգիին հանգիստին համար քանի մը տող գովք կը կանչէ, պաղշտկցնելով գացածները՝ ինչպէս ինքզինքը։ Այս սովորութիւնը, իր ամէնօրեայ կրկնումովն ալ, մաս կը կազմէ խառնուածքին։

 

Անոր ձայնը խոնաւցած էր։

 

-- Լալը օգուտ չունի, մարիկս ։

 

-- Ուրիշ ի՞նչ կու գայ ձեռքէս։

 

-- Հարկաւ, այս ամէնը այսպէս կարգադրող Աստուածը մեզմէ խելացի է։ Չե՞ս ընդունիր ։

 

-- Կ’ըսեն տերեւ չի ժաժիր առանց Անոր հրամանին։

 

-- Քանի որ այսպէս է, ձգէ, որ գործերը քալեն Անոր գծած ճամբովը։ Մարդոց խելքը կարճ է շատ ` հասնելու համար Անոր խորհուրդներուն։ Բայց, արդէն ատենը անցած է, այս բաներուն մասին քեզի հետ խօսելու։ Օրերով աշխատեցայ այս պարզ բաները տղուդ հասկցնելու։

 

-- Դուն կը տեսնա՞ս իմ մանչս։

 

-- Ուզած ատենս։

 

-- Հապա ըսին, որ մարդ չեն ձգեր քովը։

 

-- Ես մարդ չեմ։

 

-- Դուն փաշային կնիկը չե՞ս։

 

-- Ուրկէ՞ գիտես։

 

-- Ամէն մարդ գիտէ։

 

-- Ի՞նչ գիտէ։

 

-- Փաշային կնիկը։

 

Սարայլը ն, տրտում, ծիծաղեցաւ։

 

-- Ինչե՞ր կը խօսին փաշային կնիկին վրայ։

 

-- Աղէկն ալ, գէշն ալ՝ հանըմ։

 

-- Գէ՞շը։

 

-- Ամա՜ն, իմ ինչո՛ւս է պէտք, ինչ կ’ըսեն օտարները։ Դուն կը տեսնես իմին ձագուկս։ Նիհարցա՞ծ է։

 

-- Ոչ։

 

-- Գէրցա՞ծ է։

 

-- Աղէկ է։

 

-- Մեծցա՞ծ։

 

-- Ո՞վ։

 

-- Ո՛վ ըլլայ պիտի, Սողոմը։

 

-- Բանտին մէջ կամաց կը մեծնան։

 

-- Ժամանակն է, հանըմ։

 

-- Ինչի՞ն։

 

-- Հասակ առնելու։

 

-- Քանի՞ տարեկան է։

 

-- Կաղանդին պիտի լմնցնէ տասնինը։

 

-- Կաղանդը ի՞նչ է։

 

-- Տարեմուտ, - միջամտեց խոհարարը։

 

Որ, մտամփոփ, զուսպ յուզումով կը հետեւէր խօսակցութեան։ Խռով անոր դէմքէն փոխ-փոխ անցան տրտմութիւն, անուշութիւն, աշխարհքին արմանքն ու ցաւը։ Անիկա կը ճանչնար շողշողուն կինը մինչեւ ծայրը մեղրագոյն մազերուն, չարիքի անկարող, գորովոտ՝ բոլոր դժբախտներուն, ու զերծ՝ հայու եւ թուրքի իր օրերուն ա՛լ ոճի ելած ատելութենէն։ Սողոմին հարցին մէջ անիկա կը գործէր իսկապէս վերի Աստուծուն ճամբայովը։ Հայ մը աւելի կամ պակաս, այդ ճեննէթ ին մէջ անշուշտ ոչինչ կը փոխէր։ Խոհարարը կը հաւատար անոր խելքին, մա՛նաւանդ միջոցներուն։ Ու ամէն օր մտքին մէջ հեղ մը կը շինէր աստուածահաճոյ ամիրան, անունէն շփոթուած, բայց հեքիաթին համար բաւ, որ, պատուհասելու համար իր ժողովուրդը հալածող իշխան մը, չէր վարանած փաթթոցը ընդունելու` դառնալով այդ հարուածով պետութեան մեծ մարդը, սպառսպուռ կոտորելով հեթանոսին ամբողջ գերդաստանը, բայց մնալով հայ-քրիստոնեայ, իր պալատին մէջ անկիւն մը զատելով սուրբ խորանին, ուր կը մտնէր տաղաւարներուն, լալու իր մեղքին վրայ ու ճաշակելով սուրբ խորհուրդը ղարիպ տէրտէրի մը ձեռքէն։ Հեքիաթէն դուրս իր ալ ողբերգութիւնը։

 

Անիկա «կը փետտէր», այսպէս ըսելու համար, հանըմին բառերուն արտաքին կեղեւը։ Ներսի՞նը։ Պարզ անոր սիրտը։ Զոր կը կարդար քսան տարիներու գիտութեամբ։ Մի՞ւսը։ Հա՜յ մայրը։ Զոր կը ճանչնանք, թերեւս աշխարհ ալ չեկած։ Լեռներ կը բաժնէին իրարմէ այս երկու կիները։ Դիրքը, դրամն ու գեղեցկութիւնը։

 

Բայց կար կէտ մը, ուր այդ երկու լեռները իրարու կը մօտենային` անցք տալու համար թել մը ջուրին։ Դժբախտութեան մէջ սա հաւասարութիւնը։ Մէկուն կը մեռնէր, մեռնելու էր տղան, կախուելով կամ տաճկընալով։ Միւսին՝ աղջիկը ողջ-մեռել կը պառկէր իր օրրաթոռին։ Ու չկար ուժը զայն ոտքի հանող։ Ցուրտերուն հետ անոր ոտքին, մէջքին կապերը կը թուէին աւելի թուլցած։

 

-- Սխալ չըլլաս, մայր. իֆատէ ն [242] քսանէն վեր ցոյց կու տայ։

 

-- Իֆատէ ն ինձմէ աղէկ չի գիտնար, հանըմ։

 

Եռանդուն ու հեռատես միւսթանթիգ ին խա՜ղը՝ տարիքը մեծցնելու, որպէսզի օրէնքէն պահանջուած սահմանը գտնէ՜ր։

 

-- Պզտիկ է ուրեմն։

 

-- Մեծերուն մեծն է անիկա, հանըմ։

 

-- Լա՞ւ տղայ էր։

 

-- Սուրբի պէս։ Ողորմած հոգի հօրը քիթէն ինկած։ Աչքը ելլայ աղքատութեան։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Պապան ողջ ըլլար, ի՞նչ էր իմ ձագուկիս գործը ատ անաստուածներուն, գողերու, բոզերու ցեղին տունը։ Առաջ Աստուած, չի՜ մնար ընողին։

 

-- Ո՜վ։

 

-- Չմնաց ա՜։ Հիմա բուերը պիտի պարծենան։

 

--  Չեմ հասկնար։

 

-- Աստուած ամէնուն խախ էն կու գայ։

 

-- Որո՞ւ, մայրիկ։

 

-- Որո՜ւ։ Նալպանտենց պոռնիկին։ Չնեղուիս հանըմ, էրած է սիրտս։

 

-- Ո՞ւր է հիմա։

 

-- Աղբրտանցը քով։ Տահա-տահա՜ ։ Նոր կը սկսի։ Իրենցմէ վեր Աստուած կայ, հանըմ։ Ամէն օր, բարի լուսին հետ, աղօթքս աս է։ Շիլլին ներքեւը գայ [243], գլխէ հանեց անմեղուկ ձագուկս, ինծի ալ աշխարհքին խայտառակ ըրաւ։

 

-- Ձեր գիրքերը այսպէս չեն սորվեցներ, մայրիկ։

 

-- Դուն ուրկէ՞ գիտես մեր գիրքերը։

 

-- Ես տակաւին գիտեմ շատ բան։ Մի անիծեր։

 

-- Չանիծե՜լ։ Մայր եմ ես, քուրուկ, մա՜յր։

 

-- Ան ալ մօր զաւակ է։

 

«Շիտակ» կ’ըսէր փաշային կնիկը։ Սողոմին մայրը մտմտաց կարճ։ Որո՞ւնն էր յանցանքը այս ամէնուն մէջ։

 

Սեւամորթ սպասուհի մը, երկիւղած, ու ոտներուն ծայրը կոխելէն՝ մտաւ ներս։ Աւետիսը կ’ուզուէր դուրսէն։

 

Խոհարարին բացակայութիւնը երկու կիները կարծես ըրաւ աւելի ազատ։ Զգաց ատիկա Սողոմին մայրը, որուն մէջ վստահութիւնը խօսեր էր սարայլը ին «մեռոնէն»։ Ողբերգութիւն, երկու դիակներ, կախաղան, տաճկընալուն ամօթը ըսես հեռացած ըլլային։ Ըսես՝ դէմինը իրենց գեղէն սանկ միջակ հարուստի մը բարեսիրտ հարսն ըլլար։ Ու ինք անոնց տունը ապուրցու աղալու հրաւիրուա՜ծ, երկանքին դարձէն առաջ, վարէն-վերէն խօսելով։

 

-- Ըսել է դուն կը տեսնաս իմ զաւակս։

 

-- Այո՛։

 

-- Շա՞տ։

 

-- Երբ որ ըլլայ պէտք։

 

-- Մեռնի՜մ ադ աչքերուդ, հանըմս։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Կը տեսնես պոյը ձագուկիս։

 

-- Շա՞տ կը սիրէիր։

 

-- Ա՜խ, իմին պիւլպիւլ Սողոմս։

 

Զարկաւ ձեռքերը երկու ծունկերուն։

 

-- Լման գեղին մէջ հատ մըն ալ չկայ անոր պէս։

 

Ու վազեց արցունքը։

 

Պարզ, առանց բառի։

 

Աղի՞, լեղի՞։

 

Որպէսզի՜ դպէր այնքան ուժով հանըմին, որ խռովեցաւ։ Ի՞նչն է, որ մեր աչքերը կ’ընէ այնքան տարբեր, երբ նոյն ապակին է դրուած անոնց առջին։ Բայց աւելի բարդ է միւս հարցումը, որ կը հարցնէր անոնցմէ վազած այդ ջուրի տարողութիւնը։ Աղի՞։ Լեղի՞։ Ո՞վ կը դնէ այս զանազանութիւնը այս կաթիլներուն։

 

Զգածուած ու բարի՝

 

-- Այդ լացը շատ է, մայրիկ։

 

Կը հաւատա՞ր ըսածին։

 

-- Ընդհակառակն։ Դուն չես կրնար վճարուիլ ամէն ժամ փառք տալով Աստուծոյ։ Ուղղակի անոր մատովն է, որ պիտի ազատի քու շատ սիրական տղադ։

 

-- Ի՞նչ գնով, հանըմ։

 

-- Ադ գինը կտրողները մեզի պէս մարդեր են, մայրիկ, ու չեն կրնար խելացի ըլլալ Աստուծմէ։ Շիտակ չէ՞ ըսածս։

 

-- Շիտակ է։

 

-- Այն ատեն վստահէ մինակ Աստուծոյ ճամբաներուն։ Անիկա իր ծառաներուն աղէկութիւնը կ’ուզէ։ Այսպէս կը սորվեցնեն [244] մեր գիրքերը։ Ձերինները ուրի՞շ կ’ըսեն։

 

-- Ես ի՛նչ գիտնամ, հանըմ։ Մեր խելքը ի՛նչ կը հասնի։ Ըսեր են «մազէն երկայն, խելքէն կարճ»։

 

-- Կարելի է։ Բայց մի մոռնար, որ ինչպէս մէկ է աս աշխարհը, այնպէս ալ մէկ է մեր ու ձեր Աստուածը։

 

Սողոմենց կինը, աչքերը լայն, կը ջանար թափանցել սա «շիտակ» խօսքերուն ու չէր կրնար։ Մէ՞կ՝ Աստուածը թուրքերուն ու հայուն։

 

-- Չե՞ս հաւատար։

 

-- Ի՞նչ գիտնամ, հանըմ։

 

-- Հոգ չէ, հիմա չես գիտեր, օր մը կը գիտնաս։

 

Զարկաւ ձեռքերը իրարու, զգուշութեամբ։ Մատանիներուն առատութիւնը ցաւ կու տար անոր փափուկ մատներուն։ Միւս կողմէ՝ այդ զարկը արտայայտիչ էր [245] լեզուի աստիճան։ Ընտանի, անուշիկ, մարդամօտ իր եղանակն էր ատիկա, խոհարարը կանչելու։

 

Աւետիսը «բուսաւ»՝ ինչպէս կ’ախորժէր հեքիաթը, նման երեւումները որակելու ատեն։

 

-- Վարպե՛տ, տաք բան մը, որ խմէ։

 

Այսպէս կը վարուէր անիկա բոլոր խոհարարներուն հետ, զանոնք անգամ մը խոհանոց առնելէ յետոյ։ Հիւանդը, կոյրը, կաղը, աշուղը, ծերը, կրօնաւորը, ուխտաւորը, նոյնիսկ անվնաս խենթերը ապահով էին անոր պալատին առջեւ չվռնտուելէ։ Մասնաւոր սպասարկութիւն մը անոնց կը տրամադրէր ջուր ու հաց, օրուան կէսէն քիչ առաջ։ Իրենց դժբախտութիւնը առանց շահագործելու, մուրացկանները գիտէին իրենց եղերականութիւնը արժեցնել, երբ խոշոր հարուած մը, անսպասելիին մուրճովը կործանած էր այդ մարդերը ու հաներ դուրս ընկերութեան պարունակէն։ Պիտի պատմէին եղելութիւնը, ամփոփ ու առանց մեկնութեան։ Պիտի օրհնէին աշխարհին մեծերն ու փոքրերը, հարուստներն ու անկարները ու պիտի հեռանային, գոհ դէմքով՝ փառաւոր խոհանոցէն։

 

-- Ես բան չեմ ուտեր։

 

-- Պատճա՞ռ։

 

-- Բերանս չի բացուիր, քանի օր կայ։

 

-- Ինչո՞ւ սակայն։

 

-- Ինչո՜ւ։ Ըսել է եղածը պզտիկ բան գիտես դուն։ Ամիս մըն է, գեղը կ’առնէ-կու տայ։

 

-- Ինչե՞ր կ’ըսեն ձեր գեղը։

 

-- Հազար-հազար բան։

 

-- Օրինա՞կ։

 

-- Ո՞ր մէկը պահեմ միտքս։

 

Բերանը բռնեց. խօսիլ չուզելու սա փափա՜քը, զոր նշմարեց սակայն քոմանտան փաշային կնիկը։

 

-- Ինչո՞ւ լռեցիր։

 

-- Ըսին՝ կախեր են, ըսին՝ չես հասնիր, ըսին՝ չէ կախուեր, ըսին…

 

-- Այո՞։

 

-- Իրա՞ւը, սո՞ւտը, ուրիշներուն բերնին մէջ կը մեծնան, հանըմ։ Մաշած է իմ սիրտը։ Հազար բերնի հոտ եմ հանդուրժեր. ո՛ր մեղքիս համար։ Աստուած մինակ ինքը գիտէ մօր սիրտը։

 

Արցունքը կրկին ուրուացաւ։

 

Զայն վանելու համար, սարայլը ն պարզ ու վստահ՝

 

-- Ես քեզի ըսի իրաւներուն իրաւը։ Քու ձեռքդ է ամէն բան հիմա։

 

-- Իմ վիզը չուանին, զաւկիս համար, տեղը, հանըմ։

 

-- Պէտք չկայ ատոր։ Տղադ չես տեսներ ու կը բաւէ։

 

-- Բնա՞ւ։

 

-- Ո՞վ ըսաւ ատիկա։ Մինակ այսօր։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Յետոյ, ես կը կարգադրեմ այնպէս, որ ուզածիդ չափ տեսնաս մանչդ։

 

-- Սիրտիդ չափովը գտնես, հանըմ։

 

Խաղաղութի՜ւն։ Ինչ տխո՜ւր է այս բառը։ Ինչ սուգ ու արիւն կ’արժէ անիկա կողմերէն մէկուն։

 

-- Ըսել է կարգադրուած է ալ։

 

-- Ի՞նչը, հանըմ։

 

-- Այն գործը, որուն համար եկած էիր այս քաղաքը։ Ինծի երբ մտիկ կ’ընես, վստահ եղիր, որ աղէկութիւն կու գայ զաւկիդ, հետն ալ ձեր ամբողջ տունին։

 

Խօսակցութիւնը կանգ առաւ, երկու կողմերուն ալ ներքին մէկ վարանումէն հաւանաբար ազդուած։ Քոմանտան փաշային կինը մղումին տակն էր աւելի բացուելու, բայց գեղացի այդ կնոջ դատելու կարողութիւնը զինքը կ’ընէր զգոյշ։ Սողոմին մայրը ինքզինքը կ’ուտէր՝ արտայայտել կարենալու համար գերագոյն իր փափաքը, սա րոպէին իսկ իր տղան տեսնելու։ Գեղեցիկ աղջիկ մը, հագուած ճերմակ զգեստ, տիկինին բերաւ կտոր մը թուղթ ու առանց բառի, նշանացի շարժումի մը վրայ հեռացաւ։ Պաշտօնագիր մըն էր, որով հերթապահ սպան «գործին վերջը» կը ծանուցանէր «օրինական պայմաններու մէջ»։ Պատուիրակութիւնը տեսեր էր տղան, ու ճամբուեր։ Ընթերցումը աւարտելու վրայ էր, երբ Եղնիկը մտաւ ու առաւ ձեռքէն թուղթը։ Անոր աչքերը ըսես կերան այդ էջ մը աւետիսը։ Դէմքին ընդարձակ խաղաղութիւն։ Հոգեկան գոհունակութիւնը կիներու դէմքին տարր մըն է գեղեցկութեան։ Անոր այդ զգայութիւնը անդրադարձա՞ւ մօրն ալ երեսին, որպէսզի հանգչած բան մըն ալ աւելնար վրան։ Խոհարարը՝ անտարազելի արտայայտութեա՛մբ մը։

 

-- Քուրո՛ւկ, դուն Աստուծմէ վախցող կնիկ մըն ես: Աստուծոյ անունով քեզմէ խնդրանք ունիմ։

 

-- Ի՞նչ է ուզածդ, մայրիկ։

 

-- Հեղիկ մը տեսնեմ տղաս։

 

-- Ըսի, թէ տեսնես պիտի, շատ ու շատ։

 

-- Կ’ուզեմ այսօր։

 

-- Այսօ՜ր։

 

Թեթեւ կնճիռ մը ուրուացաւ սարայլը ին պայծառ ճակատին։ Անիկա ծանօթ էր գեղացիներուն յեղյեղուկ յամառութեան։ Պատուիրակութեան ձախողանքէն յետոյ մօրը բանտ ներկայանալը կը կործանէր արդէն յաջողած ձեռնարկը։ Աչքի առջեւ բերաւ տղան, մատենադարանին սրահը, գիշեր մը առաջ, երբ վճռապէս յայտարարած էր իյնալ մօրը թեւերուն եւ մեռնիլ։ Ո՛չ Եղնիկը, ոչ ալ փաշան իրենց քաղցր խօսքերովը, հաստատ խոստումներովը չէին կրցած տապալել անոր բնազդական, «յիմար» վախը այդ հանդիպումէն։ Տղան անտարբեր էր միւսներուն, քահանային, աղաներուն բոլոր հրաւէրներուն։ Ու ըսեր էր սպառող նախադասութիւնը.

 

-- Կա՞յ մեռնելէն անդին։

 

Կեանքը արժէքի կ’ելլէ, ամէն ապրանքի նման, իր շուկային վրայ։ Բանտին մէջ անիկա չունի մեծ կշիռ, ինչպէս չունի ժանիքին տակը մահացու ախտերու։

 

Այս դրուագը վերադարձեր էր, իր հոծ ու տխուր սարսուռովը, սարայլը ին միտքին։ Անիկա եղաւ փափուկ ու տրտում։

 

-- Բայց չէ՞ որ խօսք տուիր չերթալու։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Բանտը։

 

-- Ո՞ւր է տղաս։

 

Սարայլը ն աչքով չափեց շուարուն կինը։ Կը գթա՞ր վրան, թէ կը զղջար միջամուխ ըլլալուն։ Չտուաւ սակայն հարցումին գոհացումը։ Երկարեց թուղթը Եղնիկին։ Նշա՛ն՝ զայն դուրս ղրկելու։ Յետոյ՝ իր աչքերը եղան շփոթ, գրեթէ ամօթահար Աւետիսին սեւեռ նայուածքին ներքեւ։ Խոհարարը մօտեցեր էր երկու կիներուն, տառապագին խաղաղութեան ձեւ մը վրան, մեծ մատովը քերելով ճակտին մէկ գիծը, ըսաւ.

 

-- Տէր Աստուած, բաց մեզի քու ճամբադ։

 

-- Տէր Քրիստոս…

 

-- Ամէն…

 

Սարայլը ն էր։

 

Երկինքին այս մօտութի՜ւնը, մեծ տագնապներու պարունակէն։ Որ մեզ կ’ընէ արի, վճռական ու մեծ։

 

-- Դուն ո՛ւր որ ուզես, հանըմ։

 

Անդրադարձա՞ւ ըսածին, թէ լքեր էր ինքզինքը՝ իրմէն վեր մտածումէ մը ընկճուած, երբ աւելցուց.

 

-- Աստուծոյ կամքը ըլլայ։

 

-- Այո՞։

 

-- Ուրիշ ի՛նչ կու գայ իմ ձեռքէս։

 

Լռեց։ Յետոյ ծեծուելով տիրական իր յուզումէն.

 

-- Բանտը, հոս, ուրիշ տեղ, ո՛ւր որ կ’ուզես, մէկ է ինծի համար։

 

Անիկա կ’անգիտանար արգելքին իրական զսպանակը։ Իր սեւեռուն գաղափարը՝ տեսնելն էր տղան։

 

-- Տեսնամ հեղ մը, կախուիմ ուսերէն, պագնեմ ճակատը։ Անկէ ետքը թաղեցէք ինծի. հոգիս հելալ ըլլայ ձեզի։

 

-- Մի խօսիր այսպէս, մայրիկ։ Չի մեռնիր, որ այդ տեսակ յուսահատ խօսքեր կ’ըսես։

 

-- Մեռնիլը քանի՞ ձեւ ունի, հանըմ։

 

-- Նորէն չսկսինք։ Անիկա պիտի ապրի, մեծ, շատ մեծ մարդ պիտի ըլլայ, եթէ Աստուած ուզէ։

 

-- Մեծ մա՞րդ պիտի ըլլայ։

 

-- Այո։

 

-- Շա՞տ մեծ, պէ՞յ, փաշա՞։

 

-- Եթէ Աստուած ուզէ։

 

-- Պալատներու տէ՞ր։

 

-- Եթէ Աստուած ուզէ։

 

Սողոմենց կնիկին աչքին եղաւ իրենց պզտիկ տունը, չորս սենեակով, բակովը՝ ուր կովուն թրիքը պատերուն հոգին էր շիներ ու թա՜ղը, հազիւ բեռնաւոր ձի մը արտօնող։ Ու եղաւ անոր աչքին մեծ պալատը նաւահանգիստի փաշային, բլուր մը ամբողջ իր պարիսպներուն կուլ տուած, հարիւրով շէնքերու արժէք ներկայացնող, ինչպէս կը վիճէին իրարու հետ, կառքին մէջ, պատուիրակութեան անդամները, երբ Պրուսա գալու ատեն կ’անցնէին անոր կալուածներուն եզերքէն։ Անոնց մէջ ապրողն ալ մարդ մըն էր, մօրէ մերկ ծնած մը, ինչպէս են բոլոր մարդոց որդիները։ Հիմա՞։ Իր երազին մէջէն մայրը անգիտակից յուզումով մը ըսաւ.

 

-- Անոր կամքը ըլլայ։

 

-- Ամէն։

 

-- Մեզի կը մոռնա՞յ։

 

-- Մայրը չեն մոռնար։

 

-- Տաճկըցո՞ղն ալ չի մոռնար։

 

-- Տաճիկը մայր չէ՞։

 

Գրեթէ խիստ։ Վասնզի առաջին անգամն էր, որ կը լսէր այսքան պարզ ու խորունկ նախատինք մը, հանդէպ իր ցեղին։

 

-- Ի՞նչ գիտնամ, հանըմ։

 

Ունէր ըսելիք, բայց չըսաւ։

 

-- Մեր կրօնքը կը թողու, որ կիները պահեն իրենց հաւատքը, երբ իրենց ամուսինին հետ սիրով կ’ապրին։

 

-- Ի՞նչ ըսիր, հանըմ, չհասկցայ։

 

-- Հայ աղջիկ մը, եթէ ուզէ, կրնայ իր հաւատքը պահել, երբ թուրքի մը կին երթայ։

 

-- Իրա՞ւ է ըսածդ։

 

-- Այնքան իրաւ՝ որքան զաւակդ։

 

-- Նշանա՞ծը։

 

-- Նշանածը ի՞նչ է։

 

-- Անուշի՛կը։

 

-- Չեմ հասկնար։

 

-- Դելոնենց Անուշիկը։

 

-- Նորէն չհասկցայ։

 

-- Մեղա՜յ, Անուշի՛կը իշտէ ։

 

Ինչո՛ւ չէր տար Սողոմին անունը, որուն նշանածն էր այդ աղջիկը։

 

-- Ո՞վ է ատիկա։

 

-- Դուն չես գիտեր ըսել է։

 

Յետոյ, քերելով ծոծրակը   --խելքը շարժումի հանող սովորութի՞ւն, անիկա անփոյթ ու անխելք, փախցուց բերանէն՝

 

-- Հապա աղջիկը գիտէ նէ ։

 

-- Դուն կը ճանչնա՞ս աղջիկս։

 

-- Անունն ալ գիտեմ, հանըմ։ Աստուած օրն ու արեւը պահէ։ Եւ ի՜նչ աչուի, ի՜նչ ըքուի…

 

Մայրը խնդաց անուշիկ։ Հասուն աղջիկ ունեցող ամէն կին գովեստ սպասող մայր մըն է, ամէն բանէ առաջ։

 

-- Չըսիր, թէ ի՞նչ է գիտցածը իմ աղջկանս։

 

-- Անունը։ Տարիքը։

 

-- Որո՞ւ։

 

-- Վէրքերը։

 

-- Ինչե՜ր կ’ըսես։

 

-- Մեղա՜յ, ես ինձմէ չեմ հաներ ասոնք, հանըմս, ինք հարցուց ինծի։ Ես ալ ըսի՝ աղէկ է, ըռինդցաւ.

 

-- Ո՞վ։

 

-- Անուշիկը։ Աստուած ողորմեցաւ։

 

Բայց յանկարծական տագնապ մը դանակի մը բերանին նման կտրեց անոր ձայնը կոկորդին խորէն։ Անոր աչքին փռուած էր դիակը մեծ աղջկան, գնդակներէն բզիկ-բզիկ, երբ մեռելը լոգցուցած ատենը «աղբուր» մը ջուր էր վատնուեր, արիւնը հանելու միսերուն վրայէն։ Անոր բարձը քակեր էին բամպակի համար։ Գնդակներուն ծակերը չէին գոցուած քիչ բանով։ Ու պատա՛նքը, որ հինգ վայրկեանէն կարմրած էր, դագաղին մէջ դրուելէն ետքը։ …Ամիս մը գովք, իրկուն-առտու գերեզման, անշուշտ։ Մինչեւ որ կիներուն արցունքովը, գգուանքովը, հողքը դադրի իր ահաւոր իմաստէն, իր մէջ կուլ տուածը մարսէ կամացուկ, վերածուի անուշիկ պատկերի, քանի մը նոր ծիլ կանանչէ հսկուած ու, մա՛նաւանդ՝ դառնայ իր մեծ պատգամին, մեզ ամէնուն սպասող անվրէպ վճիռին։ Սողոմին մայրը չէր կրնար մոռնալ պատկերին խժդժութիւնը։ Բայց ահա նոր գերեզմա՜նը, որ կը տիրէր «միտքին մահադաշտին»։

 

Անիկա բռնեց պուկը, ուժգին, բարբարոս։ Այդ ճիգին մէջ դէմքին մկանները առին երկիւղագին խստութիւնը։ Արցունքին ու ձայնին մէ՞կ են ճամբաները, որպէսզի կիները այդպէս նեղեն իրենց կոկորդը՝ չլալու համար։

 

-- Բժիշկները աղէկցուցին…

 

Յստա՛կ։

 

Ով իմանար, թէ ի՜նչ գնով։ Անիկա թաղեր էր իր աղջիկը, անցեր ողջին։ Անուշին, ու ասոր հարուածներուն կապուած եղերայոյզ տագնապանքին։ Արցունքին ու ցաւին ալիքներուն վրայ զգայարանական այս ելեւէջները մեզ կը զարմացնեն իրենց արագութեամբը։

 

-- Ի՞նչ կ’ըսէ այս կինը, Հաւատիս։

 

Խոհարարը պարտաւորուեցաւ բացատրել «անհասկնալին»։

 

Օրերով, Եղնիկին հետ, անիկա խօսեր էր այդ Անուշիկին վրայ, զոր գտած էր փաշային աղջիկը, նախ՝ թղթածրարէն, յետոյ՝ Սողոմին շրթներէն։ Յաճախ, թուղթերը, մա՛նաւանդ պաշտօնականները մեռել կու տան։ Ամբողջ թղթածրարին մէջ Եղնիկը, Նալպանտենց հարսէն յետոյ, հետաքրքրուած էր այդ դէմքով, տարեկից, Սողոմին մարմինը գնդակներու դէմ պատսպարող, վիրաւոր ինկող ու աղէկնալու վրայ։ (Ինչո՞ւ չէր զբաղեր տղուն քրոջմովը)։ Անոր ցանկութի՜ւնը՝ զայն տեսնելու Սողոմին շրթներուն վրայ։ Ու իր ցա՜ւը՝ իր գտածին։ Այդ անունին շուրջը մահապարտը եղեր էր զգօն, գրեթէ չէզոք, ինչպէս իրականին մէջ, իր հոգին՝ հանդէպ նշանածին։ Գեղերու մէջ սէրը ուշ կը սկսի, պսակէն շատ ուշ, առջի զաւկին օրրանին հազիւ գոյն կ’առնէ, գտնելու համար իր իմաստը զաւկի մը հողքին դիմաց, երբ, լացէն ու խունկէն յետոյ, էրիկ-կնիկ կը նստին քիչ մը անձայն, քիչիկ-քիչիկ բացուելով, յիշելու համար հողքին տակի պզտիկին ժպիտը, աս ու ան չմոռցուելիք շարժումը, ճիչը, խաղը, վազքը, ըրած աւերները ու, մա՛նաւանդ՝ ախտին ճիրաններուն մէջ եղը անոր նայուածքին, որ կը մարի։ …։ Եղնիկը տենդագին աշխատցուց իր էմմին, դուք կը հասկնաք՝ Հաւատիսը։ Ու երկուքով անոնք շինեցին հասակ մը Դելոնենց Անուշիկին, զայն ձեւելով, յարմարցնելով Սողոմին։ Յետոյ՝ դէ՜մքը, զայն առնելով Սողոմին հայրենակից աղջիկներէն։ Անշուշտ, անունը իմաստ ու դեր ունեցաւ այդ արտայայտութեան յօրինումին մէջը։ Անոնց դժուար եղաւ հրաժարիլ անգամ մը կազմուած, պատրաստ գաղափարներէ, որոնց համեմատ գեղին մէջ խակութիւնը պայման է ամէնէն գեղեցիկ ձեւերը նուաճող։ Ասիկա այսպէս էր խոհարարին երգերուն կամ հեքիաթներուն ալ մէջը…։ Սարայլը ն կ’անգիտանար սակայն Եղնիկին այցերը մետաքսի մանարաններուն, ազատ ձգած ըլլալով աղջիկը իր պտոյտներուն մէջ, անշուշտ պահակի մը ընկերակցութեամբ։ Կէս դարէ ի վեր քաղաքին մէջ հաստատուած մանարանները իրենց բանուորուհին կը ճարեն շրջանի հայ գեղերէն, թրքուհին, թէկուզ աւուր հացի կարօտը, նամէհրամ ին արգելքովը օգտագործել չկրնալով։ …Աշնան, աղուոր էտինքի մը, Կիրակի (ուրիշ օրեր, այդ աղջիկները չէին երեւեր քաղաքին մէջ) անոնք եղեր էին այդ աղջիկներուն մէջ, բոլորն ալ Սողոմին գեղէն, մանարանի մը կռնակին։ Հասարակաց զբօսավայր մըն էր այդ սարաւանդը, որուն հիւսիսային թաղը կը միանար մանարանի պարտէզին, ձողացանկ, մեծ աւազաններով։ Հոդ, անպակաս, խաւարտին վրայ, տրտում եւ ուրախ, կիրակնօրեայ, պոռոտ պասմայէ իրենց ֆիստան ներուն մէջ անգամ կը դիմանար անոնց բնական գրաւչութիւնը, պատանութեան սրտառուչ նուէ՜րը՝ մեր դէմքին։ Հակառակ սպաննող աշխատանքին, անոնք բարակ ու անուշ հասակներ ունէին ու, մա՛նաւանդ՝ պարկեշտութիւն, չնայելով թուրքերու՝ վախէն, հայերու՝ ամօթէն, երբ ըլլային անոնք էրիկ-մարդ։ Բայց զննող, համարձակ էր անոնց նայուածքը, երբ կը չափէր կիները։ Հասկցող, միամիտ անոնց գնահատո՜ւմը փարթամ այդ ձեւերուն վրայ, որոնք, Պրուսայի դաշտին մէջ կը բուսնին բացառիկ շնորհներով։ Ջո՞ւրը, հո՞ղը, հո՞վն է, որ անոնց երեսները կ’ընէ այնքան նուրբ, գունաւէտ ու ողորկ։ Անոնց վրայ իրենց հիացումը բանաձեւած ատեննին, այդ աղջիկները չէին մոռնար դէզ-դէզ օգտագործել փաստերը անոնց հեշտ, հանգստաւէտ կեանքին։ Ու կը չափէին նոյն անվրէպ նայուածքով մա՛նաւանդ իրենց տարեկիցները, մոմէ ու խունկէ, կարմիրէ ու ձիւնէ շինուած աղջիկները կիսասքող տեսակէն, այսինքն՝ թուրք, որոնց ետեւօք, չորս-հինգ քայլ միջոցով, քանի մը սեւամորթ կը կենային անզբաղ, բայց մռայլ    -կարմիր ֆէսերը ատենը հեղ մը տեղաւորելէն--  պահապանները՝ այդ պէկերու, փաշաներու ծնունդներուն։ Ատոնց կարգին, խոհարարը, որուն ազգութիւնը կը մնար կասկածելի, փաստովը Եղնիկին, որ ով գիտէ ի՜նչ քմայքով, այդ պտոյտներուն իր մազերը կ’առնէր աւանդական վառին մէջ, ու փաստովը իրենց աչքերուն, Կիրակիի ժամուն զայն տեսած այնքան անգամներ։ Կը գովէին անոնք համը այդ աղջկան աչքերուն, մորթին սիրտ առնող, թափանցիկ տաքութիւնը, որով միսը կը զատուի ճերմակին փուտէն ։ Ու կու տային երանի, ամէնէն աւելի անոր սքանչելի ձեռքին մատներուն, իրենցը [246] խնամքով պահած իրենց գոգնոցներուն ներքեւ, ամօթէն ու ցաւէն։ Տասնվեց ժամ եռացած ջուրի մէջ մտնող ու ելլող այդ մատները բանուորուհիներուն կը դադրէին կարծես անոնց պատկանելէ, դառնալու համար ոսկոր։ Մորթը հարիւր չէ, հազար հեղ է, որ կը թափէր անոնց վրայէն։ Փա՜ռք հինային, որ այդպէս մերկացած մատներուն կը ճարէր տեսակ մը պատենք, խարտոցէ ելած, կոշկոռուտ ու բիրտ։ Փա՜ռք արջասպին, որուն անգոյն, հեղուկ կրակը կը նորոգէր եռացած ջուրին կրծած, փոսցուցած մատները։ Հակառակ այս ամէնուն, անո՞ւշ՝ գեղի սա աղջիկները։ Էի՛ն ատիկա, բոլորն ալ, առանց փարթամ, ողողող մարմիններու։ Քիչիկ մը դալո՜ւկ, որ տուրքն էր շոգիին ու գեղջկական առատութիւնը կը մեղմէր, արիւնին առատ տախտակէն ստեղծելով կիսամոյնքը դեղձին [247] ։ Ութ տարեկանին անոնք կը մտնէին մանարան, ու ամէն օր տասնվեց ժամ կը ծծէին այդ խոնաւ աշխարհը, եռացող ջուրին ու հոն խաշած դիակին հոտը։ Հասկնալի էր, որ չարաչար սա աշխատանքին մէջ, անոնք չունենային ատեն առատ մարմին ճարելու։ Բայց ծնունդի գեղջկական առողջութիւնը    --անոնց մայրերը, աղքատութեան մէջ աչք բացած, միջոցը չէին ունեցած հարուստի հիւանդութիւններ շահելու, իրենց արգանդներէն--  դեռ կը պաշտպանէր զանոնք, այդ դժնդակ պայմաններուն ալ մէջը, զանոնք ընելով համակրելի, անուշիկ։ Կի՞ն։ Դժուար էր գործածել այդ բառը սա մատաղ ու քիչ զարգացած ձեւերուն, առանց մատնիի, ցայտուն կուրծքի ու կոնքի։ Ունէին հրապոյրը նայուածքին, որ կը հովանաւորէ աղջիկները, նոյնիսկ ամէնէն մեղաւոր մորթին ալ ետեւէն։ Անոնց կուրծքին, բոլորին ալ անխտիր, կախ էր ոսկի շարոցը, երբեմն բազմալար, երբեմն առանձին։ Ու բոլորին ալ թեւերուն՝ ապարանջը, թուրքերուն՝ հիլալ ը, մետաղի տեղ ապակի, բայց թիւով շատ, բազմազգի, որոնք անոնց շարժումները կ’ընէին կիսահունչ, գուշակուած մեղեդի…։ Սողոմի՞ն ալ նշանած ը ։ Մէկը ասոնցմէ։ …Աղջիկները, առանց փաշա հայրեր ունենալու եւ առանց դատական թղթածրարներ ուսումնասիրելու, պարտքին տակն են սեռին ու տարիքին, այսինքն՝ անպայմանօրէն հետաքրքիր։ …Հայոց թաղերէն դէպի բանտին պալատը, խոհարարին հետ անոնք ոտքով կտրեր էին վայրէջքը։ Ու այդ կոկիկ, զուսպ, մաքուր տուներուն, Եղնիկը ճանչցաւ քաղքենիները, հաստատ կաղապարովը դաշտին ընդհանուր տիպարին, որ վեր է երբեմն ցեղային կնիքէն։ Լայն, գրաւիչ իր նրբութենէն չհեռացած կաղապար մը, որ նոյնն է դեղձին ու խնձորին, ծառերուն, ինչպէս մարդ-ծառին համար։ …Եղնիկը չմտաւ հայոց եկեղեցին, որուն առջեւէն կ’անցնէր ճամբան, հակառակ խոհարարին փափաքին։ Չէր գիտեր զսպանակը իր մերժումին։ …Այդ իրիկունը մինչեւ կէս գիշեր անիկա խօսեցուց խոհարարը, իրենց հեռու Խարբերդէն, ու հասկցաք անշուշտ, անոր աղջիկներէն, նշանի երգերէն, հարսնիքներէն, ու խուլ, անհաւատալի տրամներէն, ուզելով ամէնը, եղանակ ու բառ, մարմին ու գործիք, հետաքրքրութենէն վեր ոգիով։

 

Այս ամէնէն, խոհարարը ըսաւ այնքան՝ որքան անհրաժեշտ էր` լսելու համար քոմանտան փաշային կնոջմէն՝ [248]

 

-- Հասկցայ, Հաւատի՛ս, հասկցայ։

 

Ջախջախուած, խեղճ ու տարօրէն բարի։

 

Հասկցո՛ղը՝ սարայլը ն։

 

Որ, վէպի մը յարդարուն հերոսուհին ըլլալէ առաջ՝ թուրք կին մըն էր։ Կէս դար առաջուան խմորէն։ Որ իր փաշա ամուսինին Հոգեբանական փորձարկութիւններ ը կ’անգիտանար գիտակից զանցումով մը ու գիտուն դասախօսին վարկին հակառակ, մատ չէր երկարեր անոր նոթերուն, գիրի հանդէպ իր խորշանքին մէջ օգտուելով ան միւս ալ զզուանքէն, մարդ անասունին իր մէջ ամբարուած, զոր քանի մը հազարի հասնող այդ խուժանը կ’արտածորէր իրմէ, բանտին խիստ պատերն ալ ծակել-անցնելով։ Աշխարհը ճանչնալը դառնանալ կը նշանակէ։ Ու ամէն դառնացող ինքզինքը մեծ տեսնող [249] դժբախտ մըն է։ Թուրքերու ընտանիքին մէջ ամէնէն դառնացածը մայրն է միշտ։ Պալատէ մը (հօրը կողմէն), ուր այդ ընտանիքին մեծ թերութիւնները, մեռած իր մօրը ճարտար ու հզօր պաշտպանութեամբը, չէին փաթթուած անոր փէշերուն՝ անիկա, ինչպէս պռկունքէն չճեղքուած նռան ծաղիկ (թուրքերը կ’ըսէին՝ քիթէն չարիւնած, հասկնալի ակնարկումով) մատուցուեր էր փատիշահին վայելումին, ու մնացած կէս ճամբան։ Երազի այնքան նմանող այդ ծոցին յաջորդ վեց ամիսները անիկա անցուց ոսկի վանդակի մը մէջ, շրջապատուած ճերմակ ու սեւ հսկողութեամբ մը, մայր դառնալու սպասումով։ Բախտը լքեց զինքը սակայն։ Այս վճիռէն ետքը իր դասակարգին աղջիկները տէրը կը դառնան իրենց ճակատագրին։ Արքունական ծոցը ընդմիշտ փակուած է անոնց։ Ոմանք կը մնան կամաւոր գերի, ոսկի վանդակին մէջ աւելցնելով թիւը հարճերուն ու կրելով պայման-շղթաները կանանոցին։ Ուրիշները, կը ձգեն զայն, ամուսնանալով փատիշահէն ընտրուած էրիկի մը հետ, հաղորդուելու համար արձակ աշխարհէն։ Անշուշտ, ասոնցմէ օժտուածները, խառնուածքով ու բացառիկ ապրանքները, կանանոցին մէջ իրենց կատարելագործումը ձեռք ձգելէ ետքը, իրենց տիրապետութեան տակ պիտի պտտցնէին խրտուիլակ իրենց էրիկները ու իրենց տարփանքներուն հատորներովը պիտի անցնին ամբոխային պատմումին, որ լրագրէն առաջ թուրքերուն գրականութիւնն էր, սրճարաններու մէջ խռնուած խուժանին մատուցուող աս ու ան մէտտահ ին [250] տաղանդովը։ Քիչեր, առանց խաթարուելու հոգիի իրենց հիմնական գիծերէն, պիտի յաջողին ազատիլ պալատէն, իրենց վրիպանքը երկարօրէն տանելով ինչպէս գորշ, անջինջ շուք մը իրենց օրերուն դեղին կտաւին վրայ։ Անոնց ֆիզիքը պիտի շահի հոգիին այս նուաղումովը, ու պիտի ըլլան տխուր, որքան բարի, ու անսրբագրելի կերպով միամիտ, վասնզի կոտրած են սափորը իրենց մեծագոյն փառասիրութեան։

 

Փատիշահին ծոցէն ու կանանոցին դրախտէն ետքը ծեր է անոնց հոգին ու անմխիթար։ Հասկնալի՜, որ անոնք կեանքին նային մեզի անծանօթ ակնոցով ու փնտռեն ինչ որ չունին յոյսը գտնելու, աշխարհը համի վերածող վիճակը, որ կախարդական հիւսք ունի ու վեր է ոսկիէն ու փառքէն։ Հասկնալի՜, որ անոնք խորշին ցոյցէն, ոսկի երիզով համազգեստներուն հրապոյրէն ու ճգնողի մը բարքերով քաւեն քաղցր երազը իրենց տասնվեց տարիներուն։ …։ Այսպէս է անցած առաջին կէսը, գէշ բառով մը՝ գարունքը սարայլը ին կեանքին։ Երկրորդ կէսը՝ ծանօթ է մեզի, խոշոր իր գիծերէն։ Պոլսէն դարձաւ անիկա իր հօրը պալատը, դեռ իշխանուհի, յամառ անարիւնութիւն մը դարմանելու պատրուակով ու փատիշահին ցուցմունքովը ամուսնացաւ Պրուսայի մեծահարուստ ընտանիքներէն տղու մը, այն ատեն բարակ, գեղանի երիտասարդ, նոր հասած Գերմանիայէն։ Որ, Արեւմուտքին գաղափարագրական ազատութիւնը ուխտած էր հաշտեցնել Արեւելքին խուլ, անվրէպ պաշտամունքին, մնալ սիրելի վեհապետին, բայց արեւմտեան ընտանիքին հիմնական սկզբունքները գործադրել, զգուշանալով բարքերը ուժգնօրէն վիրաւորելէ, իր պալատին մէջ արտօնելով կինը շրջագայիլ առանց սաւանի, միւս կողմէ՝ կենդանի պահելով կանանոցը (ուր կը դրուէին [251] բուծումի [252] ու հասուննալու մատղաշ աղջիկներ), վաւերական թուրքի նման արհամարհելով սեռային մարզին վրայ Արեւմուտքն ու Արեւելքը։ Երբ այս տողերը կը գրուին, թուրքերուն մէջ, թուղթի վրայ խոշոր փոփոխութիւններ կը հաստատեն լրագրողները թուրք ընտանիքի կազմական պայմաններէն։ Ինծի համար դժուար է վարժուիլ այդ լաւատեսութեան։ Հինգ դարու անոնց կայսրութիւնը հերքումն իսկ է ընտանիքին։ Այնպէս որ, մարդ ազգերու շարքին մէջ նմանը չի գտներ այսքան արագ շրջափոխութեան մը։ Գերման ցնծուհիներուն մօտ շփացած անոր արեւելականութիւնը պիտի բախէր իր կնոջը իրական ու իրաւական իշխանազնութեան։ Ամուսնութեան առաջին ամիսը բաւ էր եղած սպառելու իշխանին ախորժակները։ Անիկա, ազդմունքին տակը իր պապերուն, անցաւ աւանդական աւազանը սեռին ու փնտռեց հաճոյքը անխառն անասունի ազատութեամբ մը։ Ո՛չ գերման զգօնութիւնը, ոչ ալ գերման հոգեբանութիւնը կարող եղան զսպելու կիսակազմ բնազդները Արեւելքի իշխանին, ինչպէս կ’անուանէին զինքը կապելա ներու աժան աղջիկները։ Անոր կինը, քսանը նոր մտած, փափուկ, կամազուրկ, խելօք արարած, փատիշահին ծոցը, իր վախկոտութեամբը, տեսակ մը հոգեկան ամօթի էր վերածեր ու, փոխանակ այդ «մեղքը» արժեցնելու՝ նուաճուեր էր [253] անկէ։ Շուտով չափէր պիտի գերման ազատամտութիւնը, Արեւելքը ու անոր իշխանները։ Բայց չլքեց ամուսնական յարկը, մօրը ճնշումով, որ յստակ կը կարդար ճամբան բոլոր սարայլը ներուն, երբ անգամ մը անոնք ելլէին դուրս իրենց արահետէն ։ Ինչպէ՜ս գտաւ անիկա իր հաւասարակշռութիւնը այդ ճահճախուտ գետինին վրայ։ Ո՞վ անոր աչքին արժեցուց խոնարհներուն գեղեցկութիւնը, ուժը, թարմութիւնը։ Պոլիս, արքունի կանանոցին մէջ, գեղանի իշխաններէն աւելի ախոռի պահապաններ, դարաստանի մատղաշ բանուորներ, երբեմն հաց եփողներ, խոհարարներ, երբեմն ամենաթշուառ աշուղներ նախընտրելի տարփաւորներ էին փարթամ ու անկուշտ այդ արգանդներէն։ …Քսանմէկին՝ անիկա գտած էր իր խոհարարը, պարզ պայմաններու մէջ, երբ արեւադիր սենեակի մը պատշգամին (ննջասենեակներու այդ պատշգամները կը յօրինուին սենեակին ներքին մարմինէն, բոյնի պէս զետեղուելով պարտէզ նայող պատին ծոցը), անտեղի մսուք մը դարմանելու համար տաք ջուր էր պահանջած խոհանոցէն։ Վարպետին օգնականը, քսան չմտած տղայ, ամանով ջուրը բերեր էր մինչեւ դուռը սենեակին ու ձայներ։ Ներսէն հրաման մը։ Անիկա դողալով տարած էր ամանը ու դրած հանըմին մօտիկ, աչքերը գետին։ Անոր վախը, յուզումը, դողը պատճառնե՞ր՝ որպէսզի հրաւիրուէր աչքերը ընելու վեր, նայելու։ Տուած էր այդ տղան ուզուած պատասխանները, հանդարտ մնալու կեղծիքին մէջ ինքզինքը մատնելով ու սիրտը շարժելով մանկամարդ կնոջ, որուն զգայարանքներուն վրայ սեռային խռովքը դաժան, փորձ, ապասերած լրբութիւն մըն էր, փատիշահէն՝ ինչպէս իշխանէն, զինքը ունենալու ատեն այնքան անասուն, այնքան հեռու՝ սա նուազող յուզումէն։ Տուած էր այդ տղան ազգութիւնը, հայրենիքը, փոքր գիծերը որբութեան։ Յետո՞յ։ Կանչուած՝ ոտքերը մարձելու, տաք ջուրին մէջ, իշխանուհիին։ Անոր դալկացումը, թրթռումը նոր պատճառնե՜ր՝ որպէսզի սարայլը ն դնէր ձեռքը անոր ուսերուն, յետոյ՝ բեռը իր մարմինին, յետոյ՝ ինքզինքը ամբողջ…։ Մեծ տարփանքները վիպական սկիզբ կ’ունենան երբեմն։ Այդ օրէն ետք իշխանուհին գտած էր ինքզինքը, ու ասիկա՝ առանց միջնորդի, պառաւներէ ճարուած, հազար ծպտումներով հարեմ մտցուած պէյճիկներու փորձանքին։ Անշուշտ, ամէն ուժգին զգացում մազի պէս բարակ արմատներ ունի։ Դժբախտաբար վէպին էջերը թոյլատու չեն այդ արմատները պրպտելու։ Կը բաւականանամ դիտել տալով, որ Ջերմուկներու պալատին մէջ երբ անոր ամուսինը մատղաշ աղջիկները բաղնիք կ’առաջնորդէր, ինք, մութին վրայ իր պատուհանը բացած, ականջը կու տար դուրսի հեծքերուն, աշուղէ, մուրացիկէ, անցորդէ։ Երբեմն ալ ներսէն, իր իսկ պարտէզէն։ Հայուն տղան ունէր ձայներուն անուշը, սրտառուչը։ Յետո՞յ։ Հայուն տղան ունէր աչքերուն խորը, սրտագրաւը։ Յետո՞յ։ Հայուն տղան ունէր մութ ու անչափելի ձգողութիւն մը, որ հազուադէպ ըլլալուն չափովը եղերական ալ է իր շրջապատին։ Կրօնի, տարիքի եւ դիրքի տարբերութիւնը, աշխարհն ու իր նկատումները կը նմանին կանանչ տերեւներու, որոնք բոցի դէմ բռնուելէ ետքը կը փոշիանան։ …։ Պէտք է քալել։ Այդ օրէն, սարայլը ն մեղմացաւ ինքը իր դէմ, ու հարկադրաբար՝ էրկանը դէմ, թողելով, որ փոխուին, նորոգուին հարճերը, կուսակալութեան զանազան գաւառակներէն իբր ազգականուհի պալատ բերուած գեղանի աղջիկները, առանց ցոյցի, կռիւի։ Առանձին վէ՞պ սա անհաւատալի տարփանքը, այդքան ընդարձակ ապականութեանց ընդմէջէն, հարիւրով աչքերու զննութեան ներքեւ, մնալու համար անգուշակելի։ Թերեւս։ Առջի զաւակը ու անոր դիեցումը   --երեխան ճղճիմ էր չափազանց--   անոր արժեցին ոսկեդարը իր կեանքին, զոր անցուց մօրը պալատին մէջ։ Հետն էր առած խոհարարին աշկերտը, որ սորված էր կերակուր ու սիրտ եփելը հաւասար արագութեամբ ու տաղանդով։ Անդրանիկին հիւանդկախ ու անաճուն տրտմութի՞ւնը, թէ ուրիշ փափաք մը զայն ձգեցին յղի երկրորդով մը, պարագայ մը, որ տեղի տուաւ թուաբանական, լուսնային ու արեւային տարիներու տարբերութեան [254] շնորհիւ հազիւ լուծելի կնճիռներու։ Անոր էրիկը քիչ կու գար կնոջը պալատը ու գիտուն էր, չմոռնալ ասիկա։ Բնախօս ու հոգեբան պէյը    --այն օրերուն դեռ փաշա չէր--    մեծ արժէք տուաւ, բարեբախտաբար, հոգեբանական մեծագոյն փաստին, որ կու գար իր կնոջը զգայարանական գրեթէ սառած ժուժկալութենէն ու չիւրացուց օրացոյցներուն լեզուն, իր բացակայութիւնը իր կնոջ անկողինէն, առնուած ըլլալով, մասնաւոր յիմարութեամբ մը, տարփանքին մէջը Պոլսէն ժամանած պալատական իշխանուհիի մը, չի յիշուիր ո՛ր սուլթանին պարագաներէն, որ, կանանոցէն խոյս տալու դասական եղանակը կ’օգտագործէր, իր հիւանդութիւնը --չունեցած--    դարմանելու համար, Ջերմուկներու բոլոր ծանօթ ջուրերը փորձելով, այդ արահետէն մտնելու համար նաեւ հռչակաւոր բաղնիքը քոմանտան պէյին, յօդացաւի, մէջքի ցաւի, պաղած արիւնի դէմ հրաշագործ։ Անդին կը ծնէր Եղնիկը, լեցուն, առողջ, սեփ-սեւ աչքերով, դէմքի կաղապարով մը, որուն բաղադրիչ գիծերը հետզհետէ պիտի դառնային վտանգող, եւ զոր արտաքին զարդերը, ամէն օր փոխուող գլխարկները, համայիլները, ոսկիները, ներկն ու փոշին հազիւ յաջողեցան տարտղնել։ Այս ճարտար միջոցները անոր համար շինեցին մշտափոփոխ դէմք մը, ա՛յնքան՝ որ տարիներու հետ անոր հայրը, շրջապատը վարժուեցան այդ անկայուն շնորհին։ Վտանգը զայն ըրաւ զգոյշ` չունենալու համար երրորդ զաւակը։ Առաջինին դեռ ոտքի չելած մանկութիւնը բնազդական սարսափով մը կը պաշարէր ամուսինէն յղի մնալ մը։ Երկրորդին հազիւ պարտկելի վտանգը բաւական զօրաւոր արգելք մը կը կազմէր իր փափաքին։ Եւ սակայն պէտք է քալել, պալատներու զեխութեանց, խենէշութեանց, քսութեանց մէջէն։ Պէտք է ձգել քոմանտան փաշան   --տասը հազար ոսկին փութացուցած էր տիտղոսին առաքումը, հանգանակութեան մը մէջ հաշիւով շռայլուած, պալատական իշխանուհիներու թաքուն ալ մատները զանց չընել այս արդիւնքին համար--  իր աստիճանական վերելքին մէջ, Պոլսէն պաշտպանուած, նոր ժմնած աղջիկներէն հետզհետէ քամուելով, զինուորական վարժարանին մէջ [255] իր [256] դասովը փառաւորուած ու դառնալով գաւառի մեծ ազնուական մը, որուն զոյգ պալատները անոնց կապ[ուած] [257] պերճանքն ու կալուածները, գերիներու եւ հարճերու բանակը մանր վեհապետ մը կը յօրինէին, յար եւ նմանը Պոլիս նստողին։ Պէտք է անցնիլ շատ արագ անոր կնոջը տագնապներէն, իր սիրահարը ծածկելու համար վատնած կորովէն, հնարամտութենէն, վաստակէն։ Իր պալատին մէջ ստեղծած գաղտնի խորշերուն պահպանումը, խոհանոցին շքեղ կառոյցը, հազիւ ոտքի կենալ կրցող անդրանիկին ողբերգական տկարութիւնը, բայց մա՛նաւանդ իր Հաւատիսին գլուխը պիտի կազմէին բաւական զբաղում, որպէսզի սա ամուսնութիւնը չվերածուէր աղէտի, փաշային խելացնոր խառնակեցութեան իբր անդրադարձ։ Տասը, տասնհինգ տարին, թուղթի վրայ դիւրին, ի՜նչ ահաւոր բան է մեր գլխուն վերեւ ու մեր ոտքերուն առջեւ։ Ինչպէ՞ս անցան անոնք այդ դժնդակ տարփանքին վրայէն, որուն ամէն մէկ վայրկեանին մէջ մա՛հը՝ կաթիլ մը անակնկալի ձեւով, կախ էր ու թրթռուն երկուքին համար ալ։ Ու պէտք է լսել անհուն, անհո՜ւն բանը այդ երկուքին հոգիներէն, իւրաքանչիւրը՝ ինքը իր մէջ աշխարհ մը տառապանք, սեփական բարեխառնութեան արգասիք, հայունը՝ կրօնքէն, պատմութենէն, դարաւոր զզուանքէն հանդէպ «հագարացի անօրէն տոհմին», թուրքինը՝ նման ազդակներէ, որոնց վրայ աւելնալու են հարստութեան, դիրքին, գայթակղութեան այլապէս բարդ, այլապէս ահաւոր կնճիռները։ Տասնհինգ տարի՜։ Գրել ու անցնիլ։ Ամէն կին մայրն է աղջկան մը, որուն կու տայ մարմին մը ու… ու հոգի մըն ալ հարկաւ։ Ի՞նչ էր տուած անիկա իբր հոգի իր աղջկան…։ Ատիկա պիտի հարցնէր ինքը, քոմանտան փաշային տրտմանուշ ու փափուկ կինը, երբ հակառակ վախկոտ ու հեռատես հաշիւներուն, չէր կրցած զայն արգիլել, «հայու կտորով մը» հետաքրքրուելէ, ինչպէս անուաներ էր անիկա Սողոմը, երբ դիպուածը զանոնք իրարու դէմ կը հանէր տղուն բանտ մուտքի գիշերին։ Յետո՞յ։ Աւա՜ղ, այո՛, այդ «յետո»ն։ Ինչպէ՜ս, առանց զգալու, անիկա տեղի էր տուեր իր աղջկանը փափաքներուն, հետզհետէ առնուելով սա դժուար խաղարկութեան մէջ, որուն յաջողութեան կապուած էին այնքան կնճռոտ հարցեր։ Վերնատուր պատուհասո՞ւմ մը՝ այս նոր փորձանքը, որ կու գար աղջկանը հոգիէն, երբ անոր դէմքը, առանց սաւանի ու խոպոպի յարդարանքին, ճիշդ ու ճիշդ կը պատմէր իր մեղքը աշխարհին՝ կրկնելով Հաւատիսին շէնքն ու գիծերը։ Վերնատուր պատուհասո՞ւմ՝ երբ անիկա տեղեակ եղաւ, արջու թոռան վկայութեամբը եւ սեւամորթ Մուսթաֆային հաստատումովը, այդ աղջկան ուղիղ յիմարական արարքին, գիշերանց բանտ, մեռնելու սահմանուած հայու կտորի մը մօտ երթալու անլուր խայտառակութեան։ Ո՞վ էր գործողը այդ երակներուն մէջ։ Մայրերը կը հարցնեն այս բաները, իրենք իրենց, իրենց աղջիկներուն փորձութիւնները հասկնալ ջանալով, բայց մոռնալով հիմնականը, իրենց իսկ աղջիկնութիւնը ու գլուխնին կը զարնեն պատերուն։ Անլուր անոր տագնապը այդ «յիմարութիւնը» գաղտնի պահելու անոր փաշա «հայրիկէն»։ Անլուր անոր տառապանքը, այդ «յիմարութիւնը» մատչելի, հասկնալի ընելու անոր իրական «հօրը», որ յայտնութեան առտուն, մութնուլուսուն վազեր էր ժամ, ոսկինոց մոմ մը ապսպրեր ու անձրեւին հակառակ, ամբողջ ժամ մը գլխեբաց կեցեր էր պահարանին առջեւ իր քարէ վերմակին տակ ապահովաբար ողջ, մեղաւոր Բարսեղ վարդապետին ոտքերուն, ու թախանձեր անկէ յոյս, խելք, հնարք՝ փորձանքներու սա փորձանքին դէմ։ Այդ մօրը տագնապը մանաւանդ, կապելու լեզուն արջու թոռ սպային, որ աստիճանի բարձրացումին հետ (հարիւրապետ էր անուանուած այդ շաբթու ընթացքին) Եղնիկին ձեռքը պայման էր դրեր, լռութեան իբր արժէք։ Այո՜։ Ի՜նչ կը քաշեն կիները, երբ փեսացուները կ’ուզեն աւելին, իրենց աղջիկներուն շուքին մէջէն, - [258] մարմինները անոնց ծնունդ տուողներուն։ Ի՜նչ կը քաշեն մայրերը, խաղաղ տարփանքներու վարժ իրենց հանգիստին մէջ, երբ ստիպուած կ’ըլլան կառավարել սկսող փոթորիկը իրենց աղջիկներու տարփանքներուն։ Ըսած են, որ կեանքը մշտական ճակատամարտ մըն է։ Վա՜յ թուլացողին։ Զգոյշ ու փակ միջոցներով՝ անիկա տարաւ առաջ դժնդակ իր խաղարկութիւնը։ Ատոր առաջին ու հիմնական միութիւնը [259] իսլամանալն էր Սողոմին։ Յաջողութիւնը միշտ կը սրբագրէ միջոցը, որքան ալ մութ ըլլայ ասիկա։ Եղնիկին յիմարութիւնը կ’արդարանար Սուրբ հաւատքին շահուած հոգիով մը։ Իսլամական միսթիքին նկարագիրն է այս բացարձակութիւնը։ Ուրիշ ազնուականութիւն կշիռ չունի այդ կրօնքին մէջ։ Երէկուան գերին, ընդունուելով Սուրբ հաւատքին մէջ, կը բարձրանայ, գէթ բարոյապէս, իսլամ միսթիքին ամէնէն մեծ աստիճանին։ Բաց են իր առջեւ պետութեան ամէնէն յարգի պաշտօնները, հերիք է, որ կրօնափոխը արժանիքն ունենայ անոնց հասնելու։ Ահա թէ ինչու զոյգ ճակատով սարայլը ն կը հետապնդէր այս «գործը»։ Մնացեա՞լը։ Անիկա զզուանքով մերժեց միտքէն իսկ զիջում՝ արջու թոռան, իր աղջկան ապագային տեսակէտովը, ինչպէս չայցուեցաւ «հայու մը կտոր»էն աւելի չարժող Սողոմէն։ Բայց մեր որոշումները, քէները, համակրանքը, հաշիւները ի՞նչ կ’արժեն մենէ վեր ուժերու լախտերուն առջեւ։ Թուրքերը խորհրդաւոր առածով մը կը մեկնեն շատ մը անկարելի ոճիրներ, որոնք, ըստ երեւոյթին, կը յարդարուին մարդոց մատներէն վեր ուժերու կողմէ, ու երբ կ’իյնան հրապարակ, զետեղուելու համար մեր ըմբռնողութեան պարունակին, կ’ապաստանին արիւնին հեռաւոր, բայց այլապէս անդիմադրելի ձգողութեան։ «Արիւնը քաշել»ը իմաստէ զուրկ նախապաշարում մըն է, երբ հայրը կամ մայրը հարուածելէ ետք հզօր կիրքի մը կիկլոնով, զաւակներն ալ կ’ենթարկէ նոյն աղէտին, զանոնք նետելով նոյն կիկլոնին երախներուն։ Մենք՝ հայերս, մահը [260] լուսաւոր, մատչելի ընծայելու մեր անհուն, մագիստրոս մասնագիտութեամբը (մեր պատմիչները ուրիշ բան չըսին), յիմար ենք եղած սրբագրելու տարազը, համաձայն մեր իմաստութեան, ու չարափոխած Արեւելքին այդ հզօր պատգամը, զեղչելով անկէ, ուրանալու չափ, սեռին ահաւոր մագնիսը, ու պահելով մահուանը միայն։ …։ Որքա՜ն քիչ է մեր տեսածն [261] ու առածը կեանքէն։

 

 

Սողոմին մօրը հետ անոր խօսակցութիւնը վրդովեր էր անոր մէջ, շատ բաներու կարգին, մայրական նեղ անոր աշխարհը։ Սիրահարով ապրող կիներուն ճակատագիրն է մայրութենէ այս քիչութիւնը։ Անոնք արտաքին շեղումն ու առերեւոյթ հոգեբանութիւնը, զգեստին խնամքն ու զաւկըներուն պերճ մանկութիւնը նիւթ կ’ընեն խաղաղութեան [262] ։ Անշուշտ խղճահարութիւն, մեղք, զիղջ անոնցմէ շատ քիչերուն պիտի այցելեն։ Բայց իրենց տարփանքը զիրենք գերզգայուն կ’ընէ հանդէպ փոքրագոյն իսկ յուզումներու։ Ու Աստուծոյ մատը կը տեսնեն իրենց հասնող քիչ մը դաժան հարուածներուն մէջ, որոնք ուրիշներու կողմէ կ’ընդունուին կեանքին սովորական քմայքները իբրեւ։ Իրական մօր մը հետ իր ճակատումը սարայլը ն նետեր էր խուլ ու տառապագին իր տագնապներէն մէկուն մէջ, որոնք անոր կ’այցելէին, իրաւ է թէ ցանցառակի, բայց անջրպետին լայնքովը աւելի ուժովցած։ Մթերուած, գաղտնօրէն «ներսը նետուած», շատ յաճախ ալ լիովին չգիտակցուած ցաւեր [263], հաւանական արձակիչը՝ այդ տագնապներուն։ Յոգնութիւնը մթնոլորտն է սեռին։ Իր անդրանիկին հետզհետէ ճշդուող խօթութիւնը, պզտիկին անհանգիստ, երազուն ու ըմբոստ խառնուածքը, էրիկին հոտած տակառը, ու ամէնէն աւելի ինքնիրմէ յոգնիլ մը պէտք է աւելնան իբր բացառիկ զսպանակներ, լռուած յուզումներու դանդաղ ասղնտուքին տակ գործող, որպէսզի հասկնալի դառնար հոգեկան սա քոմա ն։ Ուրիշ անգամներ ըրածին նման՝ անիկա ձգեց իր ետին խոհարարը, այնքան մը մօտ սակայն, որ զգար անոր շունչին էջքը իր ծոծրակէն։ Այսպէս հետեւուած՝ անիկա պիտի անցնէր պալատին զանազան բաժիններէն, անխօս, գրեթէ քունի մէջ շրջապատի զգայութեանց հանդէպ, բայց տարօրէն բաց խոհարարին շունչին, որ, տեւողութեան նպաստովը, պիտի տարածուէր անոր մարմինին շրջապատը, ինչպէս կրակէ շապիկ մը։ Որմէ յետոյ, ինքզինքը այդպէս տաքուկ, կենդանի, արու այդ հովին մէջ պլլուած գիտնալով՝ անիկա պիտի բարձրանար պալատին թաքնաթաքուր մէկ խորշը, մեծ զգուշութեամբ ծածկուած բոլորէն, իյնալու համար թեւերուն մէջը իր «վարպետին»։ Այս փախուստը, առանձնացումը անոր կը բերէին հոգեկան կատարեալ թունաթափում մը։ Ժանգը, մաղձը, «այտուց»ները կը մաքրուէին ժամ տեւող խաղաղ ու գոհ արցունքի մը մէջ։ Ու թարմացած, թեթեւցած, երախտագէտ՝ անիկա կու տար իր մարմինը, հաճոյքով, օտար զգացման մը մէջ, որ հոգեկան սա մաքրագործումը կ’առնէր իր «ամպհովանիին տակ», այսպէս ըսելու համար, ու այդ ուժով, այդ պատրանքով գօտեւոր, զայն կը դարձնէր աշխարհին, իր դանդաղ թունաւորումէն։

 

Արագ՝ անիկա հրամայեց աղջկան զբաղեցնել զաւալլը կնիկը։

 

Ի՞նք։

 

-- Ընելիք ունէր։

 

Իրականին մէջ, իրիկունը մօտ էր արդէն։ Փաշա՛ն։ Յետո՞յ…։ Սողոմին հաւանական ներկայութիւնը։

 

Սիրալիր, ճառագայթուն՝ անիկա ճամբու դրաւ իր մաման` զբաղելու համար զաւալլը ին հետ։

 

Սենեակը ձգելէ յետոյ, սարայլը ն, խոհանոց մուտքին, կանգ առաւ կամաց։ Դողահար էր ու նկուն։ Վախցաւ նայելու իր ետին։ Գիտէր սակայն, կրունկներուն վրայ, քայլերը «հայուն կտորին»։ Ոչ մէկ ատեն անիկա այսքան յստակ չէր զգացեր իր ալ «յիմարութիւնը», այսպէս առանց ներկի կամ պատմուճանի, հայու մը կտորին հանդէպ, ու այնքան աններելի։ Երկու պալատներուն արարողապաշտ ու սնոտի զբաղումներուն, դաւերուն եւ տխրութեանց մէջտեղ՝ անիկա, չնմանելո՞ւ համար իր ցեղին մեծ, միօրինակ ու փցուն մեղաւորներուն (թուրքերը իրենց կենսունակութիւնը ոճի հանելու համար երկու ճամբայ կը սիրեն, արիւնն ու սերմը։ Առաջինը վազցուցած են, անյագ ախորժակով։ Երկրորդէն կը յաւակնին ստեղծած ըլլալ իրենց այժմու ժողովուրդը, որուն արժէքը այնքան գերգնահատած ատեննին, կը մոռնան անոր տարօրինակ սպառումը), փաթթուեր էր սա խոնարհ տարփանքին ու պահած ինքզինքը դասական դժբախտութիւններէ, որոնք կանուխ կամ ուշ պիտի պաշարեն քայլերը բոլոր զարտուղի ճամբորդներուն։ Սանդուխին կատարէն մինչեւ ստորին աստիճա՜նը ։

 

Ու անոր մեղքը, խոհարարը հասաւ անոր կուշտին։

 

Կաթսաներուն առջեւ անոնք չեղան թեւ թեւի, գործածելու համար պատկեր մը, արեւմտեան վէպէն։ Այլ՝ օղակ օղակի, ինչպէս կը փոխաբերէ Արեւելքը, սիրտերուն մեղքը, շղթային նիւթ տալով ակնարկին թելը կամ միսին ձիւնը։ Կէս ժամ տեւող իր խօսակցութեան միջոցին, գեղացի կնոջ մը վիշտին, դժբախտութեանը արտածորած լուծոյթին մէջ՝ անիկա վրայ էր տուած առերեւոյթ իր ապահովութիւնը ճակատագրապաշտ համակերպումին նուէր։ Անիկա ինքնիրեն հարցուց դժնդակ հարցումը, Ո՞վ կը վարէր իր արիւնը, իր մէջ, ինչպէս իրմէ դուրս, աղջկանը մէջ ալ։ Ի՞նչ էր ուժը, որ արիւնները կը քաշէր այդպէս, առանց ազդուելու արտաքին բոլոր բարդութիւններէն։

 

Առանձնանալու, թափանցելու, հասկնալու, հանգչելու իր շատ զօրաւոր ցանկութեան հակառակ՝ անիկա, գրեթէ բռնի, իր ետեւէն ուզեց խոհարարը։ Սպասուհիներ պաշտօն առին հսկելու գեղացի կինը։ Փաշան կը սպասուէր։

 

Կուշտ կուշտի՝ անոնք անցան կանանոցը։ Ուր ցանցառած էին, քանի մը տարիէ ի վեր, դէմքերը մատղաշ աղջիկներուն։ Սպաս ընողներու բանակը թեթեւցած։ Մօրը պալատէն իրեն հաւատարիմ, տարիքի մէջ խորացած պառաւներ այդ բաժինին առօրեայ գործը կ’ընէին` արգիլելով ոտքերը աւելի թարմերու։

 

Պարզ, իրական անոր դէմքը, այդ պահուն, ինչպէս միշտ, վեր էր կասկածէն ու խռովքէ։ Չորս էր թիւը այդ տարւօք կիներուն, ընդարձակ սրահներուն ծառայութիւնը կատարող, ամէնքն ալ յատուկ գործի մը մէջ մասնաւորուած։ Աւելորդ է խօսիլ տիրուհիի եւ ծառայի յարաբերութեան մասին։ Ուրիշ ապարանքներու մէջ ընթացիկ, խուլ, կասկածալից ու խառնակիչ բարքերուն փոխարէն՝ տեսակ մը կոյր պաշտամունք կը հովանաւորէր այդ կինը։ Մեղմութիւն ու բարիք, գեղեցկութիւն ու տարիք բառեր են, որոնք ամէնէն աւելի կ’արժեն սեռին շիջումէն յետոյ։ Անոնց ա՛լ վարժուած աչքերը չտեսան թեթեւ դալկութիւնը հանըմ էֆէնտիին։ Անոնք արդէն չէին տեսներ [264] խոհարարը, առջին նայող, կիներէ զգոյշ, անոնցմէ փախչող, արժանանալու աստիճան վիրաւորիչ ծաղրանուններու [265] ։ Կեավուր ը դժուար կը ներուի այդ շրջանակներուն մէջ։ Տարիները միջամտած ալ էին, այդ «խոզի ձագին» մէջ ընդունելու խելօքիկ ներքինի մը, որմէ իր կրօնքը կը մնար յիշատակ։ Այս պատրանքին համար նպաստեր էին հայուն կամակոր դաժանութիւնը, կիներու մօտ անայլայլ կեցուածքը ու խիստ, վիրաւորիչ բարկութիւնները։ Մատաղ սպասուհիներու ռազմավարութիւնը զայն չբերաւ անակնկալի։ Յաղթականը հայն էր։ Ու մարդ չէր գիտեր թաքուն ծալքը սա «խոզի ձագին», ու անոր անընկճելի զօրութեան։

 

Բարեւեց, խօսեցաւ, հրամաններ ըրաւ, յանձնարարութիւններ տուաւ, մտքի տիրական ազատութեամբ մը։ Սպասի պատասխանատու կիները քաղցր հնազանդութեամբ մը անդորրել ջանացին անոր մտահոգութիւնները։

 

-- Հոգ մի ըներ, հանըմ էֆէնտի, ամէն բան կը կատարուի, փափաքներուդ, հրամաններուդ համեմատ։

 

Կ’ըսէին անոնք, գրեթէ մէկ բերան ու իրենց ցամքած մատները կը ծեծէին մեղմով անոր ծփուն, հեշտաբոյր կռնակին` Աստուծոյ աչքին յանձնելով այնքան բարութիւն ու գեղեցկութիւն։

 

-- Աստուածը մուրատին հասցնէ։

 

Մուրա՞տը։

 

-- Երկու աղջիկները։

 

Ո՜վ ինչ գիտէ ուրիշներու սիրտէն։

 

Անոնք հասան խորհրդապահ անցքը, որ պալատին երկու բաժինները յարաբերութեան կը դնէր։ Անոր բանալին կը հանգչի արուներու մէջքին։ Քոմանտան փաշան, յարգելու համար արեւմտեան կարգերը, վերցուցած էր գաղտնի կղպանքը։

 

Սէլամլըգ ը։

 

Որուն վերնայարկին քսանէ աւելի սենեակները, ճարտար բաշխումով [266] մը, բոլորն ալ երես ունէին կեդրոնական սրահին վրայ։ Կ’անցնիմ անոր նկարագրութենէն՝ գոհանալով դիտել տալէ արեւմտեան սրահներու կահաւորումը, անոր ալ վրայ։ Արձան, փորագիր ու նկար կը կազմէին մեծ բաժինը այդ զարդարանքին։ Անշուշտ, պալատին անդրանիկ տէրը, մեծ-հայրը մեր քոմանտանին, իր կնիքը դրեր էր այդ սենեակներուն, [267] բոլորն ալ անցքով մը ընելով իրերահոս [268] ։ Յիսուն տարի առաջ, այդ անցքերուն կը սպասէր ապահովաբար հսկայ փաթթոցով քէօլէ [269] մը, դանակները զոյգ-զոյգ թխած [270] իր նոյնքան հսկայ գօտիին փաթին ու պահպանելով ելքն ու մուտքը անողոք խստութեամբ։ Հիմա, թոռան նրբացած ճաշակը այդ անցքերուն վրայ կը քաշէր հաճելի եւ պիտանի վարագոյր։ Ոմանք՝ գեղանկար դուռ։ Ոմանք՝ պատուհան, ծիածանեան ապակիով։ Ուրիշներ գրադարան, շմինէ, մեծկակ նկար, արձան ու մոմիացած կենդանի, որոնք կը դառնային թաքուն զսպանակներով ու մուտք կու տային մէկէն միւսին։ Իրարու աննման կահաւորումով սա սենեակներէն պարզ շրջագայում մը տեսակ մը սթափո՛ւմ՝ սարայլը ին ու ամէն անգամ, որ պալատը մութ, քիչ, նեղ կու գար անոր գլուխին։ Թուրք հանըմներ, երբ սեռին երկանաքարին լծուած խանդավառ գերուհիները չեն իրենց տէրերուն, դժբախտագոյն կիներն են Արեւելքին։ Անոնց համար է «ոսկի վանդակ» բացատրութիւնը։ Պերճանքին, հարստութեան, փառքին ու վայելքին ծովուն մէջ, որ կեանքն է անոնց շուրջը, ճարուած իրենց տէրերէն, անոնք ծարաւովը պիտի մեռնին կաթիլ մը անուշ ջուրին։ Անոնց գեղեցկութիւնը խղճի խայթ մըն է, ու անմահ խմոր՝ զիրենք իրարու դէմ լարելու, նոյն տիրոջը աչքին։ Անոնց բարոյական տիեզերքը անհուն անապատ մըն է, ուր չ’իյնար զաւկին սփոփիչ մանանան, քանի որ մայր մնալու դժուարութիւնը, տունին գահաժառանգ տալու պահանջը ու ազդեցութիւններու, մրցակցութիւններու ամբողջ արիւնոտ ու զազիր դրութիւն մը փառքին յաջողութեան մէջ իսկ գարշ կ’ընեն ամէնէն առաջ կինը ինք իր դէմ։ Վերլուծումը չի կրնար սպառել այս «ամօթական տխրութիւնները»։

 

Խոհարարին հետ կուշտ կուշտի, անցքէ անցք՝ անիկա պիտի հասնէր ուրիշներէ անթափանց խորշին, որ երկինքէն ապակեայ տանիք միայն ունէր։ Գետինը՝ հաստ ու գուլ մարմար։ Ուր տիւան մը պիտի ընդունէր անոնց իրերահոս մարմինը, առանց աղմուկի։ Ցո՞ւրտ։ Տա՞ք։ Ցերեկները միայն գործածելի այս ժամադրավայրը, աշնան ու ձմրան, տանիք-ապակիէն կը ջերմանար բաւարար չափով։

 

Դեկտեմբերի իրիկնամուտին սա առանձնացումն ալ քալեց ուրիշ անգամ պատահած գնացքով։

 

-- Հաւատի՛ս։

 

Ըսաւ անիկա, դուռը զգուշութեամբ կղպելէ ետքը։ Շնչասպառ, ինկեր էր անոր թեւերուն։

 

Ուրիշ անգամներ՝

 

-- Հանը՜մ…

 

Պիտի շշնջէր խոհարարը, թեւերը փակելով անոր կռնակին, սղմելով անոր մարմինը, ա՛յնքան՝ որ ոսկորները ցաւէին միսերուն խորը ու շունչը նեղնար, հատնէր, նուաղման շեշտ զգայութիւն մը բանալով անոր տառապած սիրտէն ներս։

 

Այդ իրիկնամուտին, խոհարարը, առանց բառի, առաւ զայն իր թեւերուն մէջ ու թեթեւակի պրկելով ինքզինքը, գլուխը տեղաւորեց անոր մազերուն խորը։

 

Ու լռութիւն։ Ո՛չ համբոյր, ոչ ալ աչքով լեզու։

 

Երկնադիր լուսամուտէն վերջալուսային պայծառութիւն մը, [271] խատուտիկ՝ ինչպէս մոյնքը՝ տասնհինգ տարեկան աղջնակի մը, բա՞ւ էր բանալու [272] անսփոփ տրտմութիւնը սա առանձնարանին, որ խորհուրդի մը պէս կը ճնշէր անոնց տարփանքին վրայ։ Ահագին կառոյցներէն ու կալուածներէն, որոնց սահմանը կտրելու համար երբեմն կառքերը օրերով կը ճամբորդեն, կը պատահի, որ անոնց վաւերական տէրերուն հարազատ, անձնական բաժինը աւելի չըլլայ, քան սա փախստեայ խորշիկը։ Առանձնարանին մերկութիւնը ուրիշ փաստ մը այս խորհուրդէն։ Գետինէն զատ, պատերուն գունաթափ սո՛ւգը, զոր ոչ մէկ ձեռագործ կը մեղմէր։ Անապատական այս պարզութեան մէջ, հայուն տղան հաճոյք ու խաղաղութիւն ունէր, որոնք փոխանցուեցան անոր տարփուհիին։ Կրօնական ծագումով սա նախապաշարումը սիրեց [273] սարայլը ն։ Հոն մտած ատեն աչքին կը փռուէր կայսերական ննջարանը, զոր հայլիները չորս պատերէն կը գոցէին ամբողջ։ Ու անասելի ճոխութիւնը բեհեզին, մետաքսին, ոսկիին ու հոտին [274] ։ Ատոնց մէջ կապիկի գլուխով, ազազուն այծեմա՞րդը, որուն քիթէն անդիմադրելի տգեղութիւն մը կը յօրինուէր դէմքին, փոսացած աչքերուն խոռոչը տարօրէն շեշտող ու անոնց նայուածքը անժուժելի ընծայող։ Կան այդ աչքերը, որոնք չեն դիմացուիր, առօրեայ տեսակցութեանց ընթացքին։ Սեռային անասնութիւնը կը խորանարդէ անոնց տարողութիւնը։ Ինչպէ՜ս անիկա իր աչքերը ըրեր էր վար, չիյնալու համար միւսներուն մէջ։ Իր յիշատակնե՜րը, այդ անմոռանալի գիշերամուտէն, որոնք ժամանակին հետ, փոխանակ գունատելու, կարծրացեր, գամուեր էին, ըսես, անոր ուղեղին դաշտերուն, պատերուն ու կը ներկայանային, լրիւ ու կենդանի, տարիներու փոշիէն աննուաճ, իբր թէ տասներկու ժամ առաջ ըլլային պատահած։ Ինչպէ՜ս անոպայ անոր մատները, հացի միջուկ փրցնելու շարժումով մը՝ բռնած ու կսմթած էին անոր կիսակազմ ստինքները ու ցաւցնող արհամարհանքով մը ձգած յանկարծ։ Ինչպէ՜ս անոր պաղ մատները օղակած էին թուլիկ իլերը իր բազուկներուն, թերխաշ ձեւերով, ճերմակ՝ բայց անաւարտ։ Ու ինչպէ՜ս խստագոյն ցաւով մը բզկտուած իր թուլութիւնը, անաւարտ կիսաղեղը իր երանքներուն, որոնց կարծր մասը, ոսկորը դողացեր էր այդ շատ թափանցող խուզարկումէն։ Ու զզուելի մերձեցումը, թուխ, սեւի զարնող մորթին կարծր փշաքաղումը իր մարմինին վրայ…։ Ու անոր բարկութիւնը, հայհոյելը, փողոցի ստահակի մը նման, անծանօթ պէյերու հասցէին, որոնք ուշադրութիւն չէին ըներ իր ճաշակներուն, գրեթէ անզգայ իր մարմինին վրայ այդպէս մենախօսելով, հետզհետէ պաղելով, ու լեզուին տալով։ …Աղջիկի լա՜ց։ Աղջիկի վա՜խ։ Աղջկան մաքրութիւն, որ անմասն էր եղած պղծութեան սա հանդէսէն։ Անոր կորա՜նքը...: [275] Իրեն տրուած խրատներուն անզօր յիշատակը, բնածին ամչկոտութեան հզօր մղումը պատրաստած էին զայն։ Ոչ իսկ կրցած էր համբուրել վեհափառ այդ տգեղութիւնը։ Ու պատժուած՝ չարժանացած արդար քունի մը անգամ, ոսկի մահճակալին, դրուելով դուրս, դէպի ոսկի վանդակը սպասման սրահին։ …։ Ու երկրո՛րդ անոր փորձառութիւնը արուէն, գրեթէ նման՝ առաջինին։ Անշուշտ նուազ հանդիսաւոր, նուազ անփորձ։ Բայց՝ հաճոյքի նոյն զզուագին դառնութեամբ։

 

Սա առանձնարանի մուտքին, այս երկու դրուագները պիտի յառնէին անոր մէջ, անխուսափելի հարազատութեամբ մը տեղի, լոյսի, հոտի զգայութիւններու սկզբնատիպ հանդէսովը։ Զարդ, ջերմութեան երանգ, հոգեկան այլ փայլակում կը խառնուէին այս յառնումին։ Ու այն խեղճ, նուաստ ալ բա՛նը՝ որ կը բխէր անոր մերկութենէն, չհասունցած համը միսին, որ պտուղէն՝ ինչպէս մարդկային մարմինէն, կ’անդրադառնայ նոյն փոթաւորումով։ Անոր պարտութեան հաւանական պատճառը, չկազմուած անոր ջղային դրութի՛ւնը, որ մնացեր էր չէզոք, կրաւոր պարզութեան մը մէջ, քանի որ աւելի յետոյ անիկա հասկցած էր միսին անծածկելի անդրադարձումները, հաճոյքէն վեր տագնապանքը, երբ գտեր էր ինքզինքը անոնց համար հասունցած։ Կորանքի այս յուշքերը, թաքուն, երախտագէտ նուէրնե՞ր էին իր այժմու խոնարհ տարփանքին, որ մարմնական գաղջ ու հոծ զգայնութեանց չափ հոգեկան ալ ծորումներ կը հանէր իրմէ։ Իր անձին անկշռելի, բայց իմանալի հեղումն էր ատիկա դէպի իր տարփաւորը, երբ, մտնելէ յետոյ առանձնարանին լռութեան մէջ, իր նուաստացման յուշքերը վտարած իր ներկայէն, կը դնէր իր սիրտը անոր սրտին, երկու աղբիւրներու միացում մը ստեղծելով միսերուն ներքեւ ու կը խօսէր այդ մարդուն   --որ ա՛լ հայու կտոր մը չէր այդ պահուն, այլ ի՛նչ որ աշխարհը ունէր միայն իրեն համար զատած, բերած իր անչափ բարիքներէն--  անհուն փափկութեամբ, խոնարհութեամբ, պարզութեամբ, բոլորովին մերկացած իր ցեղէն ու կրօնքէն, պատմութենէն ու դիրքէն, ու ինքզինքը շաղուած, ձուլած անոր մէջ, ա՛յնքան՝ որ հիւսքին քակուելէն ետքն ալ այդ քանդակումին հեւքը կը շարունակէր բաբախել անոր վրայ ժամերով, անուշ ու կսկծագին։ Ամէն րոպէ անոր տան մէջ ներկայութիւնը՝ ուրիշ պատճառ այս զգայութիւնները զայրագնելու։

 

Խոհարա՞րը։

 

Ուրիշ անգամներ պիտի խօսէր անոր հետ, պարզ՝ բայց քաղցր իր բառերուն ալ գգուանքը պարպելով անոր մարմինին ճամբաներուն։

 

Անիկա մնաց լուռ։

 

Արցունք։

 

Որ թրջեց տիկինին մազերուն բեհեզը, տաքցուց վերին ալ եզրը անոր ճակատին։ Պիտի չհարցնէր պատճառը այդ արցունքին` վարժուած ըլլալով անոր կծու գաղջութեան։ Բնազդական վախ մը, զոր կ’ունենան կիները մեղքի մէջ, կ’արգիլէր զայն հարցաքննել։ Բաներ կան, որոնց զսպանակները մենէ դուրս են դրուած ու երբ իբր մերը կ’արտայայտուին, պարտաւոր են պահելու իրենց պատրանքը։ Չենք փնտռեր մահը, զայն ղրկողը, անոր վաւերաթուղթերը։ Քիչով կը զատուին մեծ, խելացնոր տարփանքները մահէն։

 

Արցունք։

 

Որ անակնկալն էր օրուան։ Իր տարփաւորին կուրծքին, անիկա պիտի այցուէր շատ մը յուզումներէ, վայելքէն մինչեւ տառապանքը երկարող պողոտայի մը նման, բայց պիտի խնայէր իր աչքերուն՝ արցունքը, վասնզի կը հաւատար տխուր կեանքերուն։ Չլալը կեանքի փաստ մը ըլլալէ աւելի, հոգեկան դաշնակութեան նշան մըն էր։ Ու գեղեցիկ էր կեանքը այն կնոջ, որ հսկայ պատրանքներէ ետքը, իր խաղաղութիւնը ստեղծեր էր իր ձեռներէցութեամբը ` ինքզինքը պահելով իր միակ տարփանքին։

 

Կարճ եղաւ տկարութեան այդ պահը։ Ինքզինքը պաշտպանելու համար հաւանական պատասխաններէ՝ անիկա կանխեց խոհարարը, կիսաժպիտ բայց տրտում.

 

-- Ի՞նչ կը խօսին հիմա, Հաւատի՛ս։

 

Անիկա վստահ էր իր հասկցուելէն։

 

Տարիներու ընտանութիւնը անոնց մտածումները իրարու կը կապէր մազերակային նրբութեամբ։ Իրարու համար միայն ապրող մարմիններուն մօտ կը դիտուի այս փոխադարձ թափանցումը։ Ամուսնութիւնը, յաճախ՝ հաշիւ, պարտականութիւն, յոգնաթափում, հոգ ու տառապանք, կինն ու այրը իրարու կը կապէ հաստ չուաններով։ Տարփաւորը կը տարբերի այս պայմանադրական գերութենէն, զգայարանքներու գերաճուն ազատութեամբը։ Տեւողութիւնը զայն, այդ տարփանքը, կ’ազնուացնէ, կը նրբացնէ, երբ ճակատագրական պարտքի մը պէս կ’իյնայ անոնց մարմիններուն վրայ, երկաթէ վերմակ։

 

-- Ի՞նչ կը խօսին աղջիկները, հեքիաթին մէջ, պառաւներուն հետ։

 

Անուշ, երախտագէտ նայուածք մը պատասխանն էր այդ թափանցումին։

 

Եւ սակայն երկուքն ալ տակաւին կ’անգիտանային իրական պատճառը զիրենք հոս փախցնող տագնապին։ Ապահովաբար խօսելու համար չէր, որ ձգած էին իրենց գործը, տեղը, երբ ժամանակն ալ այնքան քիչ էր, ու պալատին մէջ մեծ դէպքեր պատրաստուելու վրայ։

 

Խոհարարը չպատասխանեց։ Անիկա «իր աղջիկը» կը սիրէր թիզ հեռու, դէմը, վիզին երկու քովերուն զետեղած իր զօրաւոր ափերը։ Այն ատեն նշմարելի եղան արցունքի քանի մը գիծեր, մորթն ի վար։ Սարայլը ն դեղին փրփուրի նմանող մետաքսով մը անհետ ըրաւ այդ գիծերը։ Թեթեւ կարմրութիւն մը կ’ոսկիանար ձիւնին վրայ անոր այտերուն, անդիմադրելի ու բաբախուն այդ բանը, որ մեր արիւնին լեզուն է։ Կենդանի բարբառը մեր մորթի մագաղաթին վրայ։

 

Դէպի տարփանքը սա հրաւէ՞րը։

 

Անոնք քակուեցան իրարմէ, երկուքն ալ վախնալով։

 

Տարփանքը չէր եկած։

 

Բայց տարօրինակը այն էր, որ անոնք զգացին զիրենք ուշաթափ այն լքումին ու տրտմութեան մէջ, որոնցմով կը վարշամակուին մարդոց ծոցերը։ Զանոնք իրարու մղող զգացումը, որ կայսերական ծիրանիի մը նման կը պատմուճանէ անոնց պատրանքը, ինքնաբերաբար կը մոխրանայ, կը գորշանայ, գիրկերէն ետքը։ Անոնք գոհ էին, առանց իրարու հաղորդ ընելու այդ զգացումն ալ։ Բայց պատահարի բացառիկ իրականութիւնը հասաւ անոնց գիտակցութեան։ Իրարմէ քակուիլ, առանց իրար սպառելո՜ւ։ Զգայարանքներու սա անդրանիկ վերապահութի՜ւնը։ Որմէ այնքան խռովք կը շահին, քառսունի դուռներուն, մարդոց որդիներն ու աղջիկները։ Անոնք չխորհեցան տարիքին, որ բառ է, այսինքն՝ մշուշ, երբ չէ շուլլուած դժուար զառիվերին։ Չըլլալո՞ւ համար այս մտածումներուն գորշութեան ներքեւ, թէ ուրիշ, անծանօթ պատճառով մը, անոնք երկուքով տեսան մտապատկերը Եղնիկին, այնպէս խելօք, նուաճուած, երանաւէտ, Սողոմին մօրը կուշտին։

 

-- Ո՞ւր կ’երթայ վերջը։

 

-- Որո՞ւ։

 

Խոհարարը չպատասխանեց։ Անիկա «իր աղջիկը» կը սիրէր իրմէն, իր անձէն աւելի։ Բայց անոր մասին բառ մը իսկ պահանջ չէր բանաձեւած։ Անշուշտ, անոր գերագոյն ցա՜ւը, իր անկարողութի՜ւնը՝ հանդէպ իր զաւկին, որ պիտի հեռանար օրին մէկը, ով գիտէ ո՛ր թուրքին, ու մոռնար այն ծով մը աղապատանքը, որ ծոցն էր իրեն։ Իր հոգիին սպասող դժոխքի կրակին չափ   --որուն կասկածը չունէր միամիտ մարդը, հակառակ մեղաւոր Բարսեղ վարդապետը սիրաշահելու իր ինքնատիպ ռազմավարութեան--, անիկա կը տապկուէր այդ զգացումին ալ կրակէն։ Ո՞րն էր աւելի անողոքը այդ երկուքէն։ Ատիկա գիրքերու վրայ կը հարցնեն մարդիկ, բայց ապրելու հարկադրուած ատեն իրենց միսն է, որ ճարակ պիտի դառնայ այդ բոցերուն։ Յետոյ՝ տարիներու դէզը դարձեալ սնամէջ բառ մը չէ։ Մինչեւ երեսուն, նոյնիսկ խորագոյն տառապանքի մէջ, ադ բեռը առանձին կշիռի չ’ելլեր մարդոց մէկ մասին մօտ։ Բայց անկէ՞ ետք։ Ո՞ւր, ի՞նչ բանի ուղղուած էին գալոց օրերը խոհարարին, առանց «իր աղջկանը» հովին, շուքին, շունչին, պատկերին, ինչպէս կը սիրէր երանգել մութ, չարտայայտուած զգացումին փայլակները, խօսքի ատեն։ Հա՜յր։ Պէտք է ըլլալ ատիկա, սա պայմաններուն մէջ։ Ու պէտք է ըլլալ զայն, գիշերները, հսկայ պալատի մը խորշին, հոգին դժոխքին վրայ կախուած աղտոտ, մուրոտ լապտերի մը պէս կախ իր շրթներէն, մինչ աչքին՝ ձիւնապատ մաքրութիւննե՛րը, իր երկրին, այդ հեռու մեմլէքէթ ին, ուր իր ընկերները, ապահովաբար խեղճուկ տնակներու [276] խորը, պատառ մը չոր հաց կը ծամէին, բայց ութէն-տասը զաւկի շունչէն գոլաւոր հողէ սենեակին խորը, խաղաղ, երջանիկ կը սպասէին «անտնուորին» փառքերուն։ Տաճկութիւնը մեր մէջ մտապատկեր է հիմա։ Մեր գեղերուն՝ սարսափ էր անիկա։ Բայց անոնց տունին մէջ… [277] ։ Անիկա մտքէն չանցուց իրաւունքներ արժեցնել, ոչ թէ անոնց յիմարական անկարելիութիւններուն վրայ պատրանք չունենալուն, այլ՝ այդ իրաւունքներուն անդրադարձովը սիրածներուն ճակատագրին վրայ։ Բա՛ռ մը։ Անշուշտ, ատիկա իր մահը կ’արժէր։ Բայց այդ բառին այլապէս ահաւոր արժէքը սա կնիկին վրայ, [որ] [278] զինքը սիրեր էր մօրը, հաւանական կնոջը չափ։ Անիկա, ուրիշ կին չճանչնալուն՝ իր զգացումին վրայ կը դողար անչափ երկիւղով։ Քսանի կը մօտենային տարիները այդ տարփանքին։ Օր մը օրանց անիկա այդ կնոջը ծոցին մէջ շիւղ մը օտար, տաճիկ, հարուստ, մեծամիտ բան չէր զգացած։ Ու խոնարհ անոր իմացականութիւնը սա պայծառ փաստը հեռու չէր ըմբռնելէ, նոյն իմաստի խորութեամբ, որով մեծ վերլուծողները կը չափեն մարդոց սիրտին ալքերը։ Կայ անշուշտ հասարակաց գետին մը, ուր մարդոց որդիները հաւասար կշիռով կ’առնեն իրենց ջիղերուն վրայ քանի մը հիմնական բերքերը մարդոց բարոյական անդաստանին։ Ատոնցմէ մէկը ցաւն է։ Մէկ ուրիշը՝ սէրը։ Աւելի մեծը՝ միսթէռ ը։ Անդի՞ն։ Այսինքն՝ երախտի՞քը, նուիրումին հա՞մը, զոհուելուն պարզ տրտմութի՞ւնը։ Ինծի կու գայ, թէ ասոնք ալ շատ չեն տարբերիր խոնարհներուն ու մեծերուն հոգեհնձանին խորը։ …։ Ու պէտք է դառնալ, տալու համար Հաւատիսին տագնապներէն տակաւին ուրիշ մաս մը բան, «իր աղջկան» [279] խորհուրդէն։ Ասոր պատանութիւնը [280], անուշութիւնը, հետաքրքիր միտքը, մա՛նաւանդ «հայու շատ մօտ» հոգի՜ն։ Ծուէն-ծուէն կազմուած [281] այս ամբողջին մէջ, որ աղջիկն է տասնվեց մտած, կամ մտնելու վրայ, տիեզերք մը ամբողջ կը բիւրեղանայ առանց իր գիտնալուն։ Ու մեր գիտութիւնը, որ միջոցը կը բզկտէ, անկէ որսալու համար անանուն, բայց տարօրէն ներզօր ճառագայթներ, անշուշտ օր մը պիտի զբաղի այդ ծուէններուն ալ խորաչափումովը ու պիտի ճշդէ [282] բաժինը շունչին, սիրոյն, վախին, արցունքին, երազներուն, զորս ծնողքները ունեցան այդ մարմինը օրրանին յանձնած, տատիս ըրած, պտտցուցած, տարիներուն աւելի լայն կրկէսին վրայ արձակած ատեն։ …Խոհանոցի հնոցին առջեւ քանի՜ հազար անգամներ անիկա աչքովը կը պագնէր իր «ձագուկը», ու կու լար մութին, մարդոց գաղտնի ցաւերուն լեղին [283] տոպրակովը կախ ձգած իր հոգիին ջուրերուն։

 

Փոքր սենեակը թեթեւ մը մսեցաւ։ Վասնզի ջղային սարսուռ մը թօթուեց տիկինին մտամոլոր տկարութիւնը։ Անիկա կռնակը տուաւ տիւանին վրայ բարձերու դէզի մը, բոլորն ալ օրով, թուականով կենդանի անոնց տարփանքի պատմութեան մէջ։ Կը նայինք մեր տունին փոքր առարկաներուն ու կը լրջանանք, վասնզի ատոնք մէյ-մէկ պատառ սառած կեանք են մեզի համար։ Անիկա անցաւ արագ այդ նշխարներուն հետեւող զգայութեանց մշուշէն։ Ուզա՞ծը։ Չէր գիտեր։ Բայց կը նմանէր մէկու մը, որ բանի մը կը սպասէ։

 

-- Իմաստութի՞ւն, պատգա՞մ, երկինքէն ձա՞յն։

 

Ու կը վախնար իր լուռ հարցականը մօտեցնել խոհարարին։ Զգայարանքներու հաշտութիւն մը միտքերու հաշտութիւն չ’երաշխաւորեր միշտ։ Թուրք կինը չի նմանիր Արեւմուտքի հերոսուհիներուն, որոնք թուղթի եւ իրականութեան վրայ այնքան զանազանութիւններ ունին։ Պալատներու հետախոյզ արարածը ու խրճիթներու հզօր, խորապէս պարկեշտ, բայց կին կոչուելու համար ծիծի տեղ երկու տոպրակ սեւ միս միայն կրող միւս արարածը   --երկուքն ալ ապրանքն են թուրքին հողերուն-- հարկադրաբար դուրս կ’իյնան հաւասարապաշտ վերլուծումէն։ Առաջին տիպարը թէեւ ձեւազեղծ, քիչ ու շատ մտած է քլիշէ ի։ Եւրոպացի վիպասաններ տուած են անոր զաղփաղփուն շնորհը, ծիծաղը, վախկոտ պչրանքը ու անյագուրդ արգանդին արձագանգը։ Բայց չեն տուած իրակա՛նը, կինը, պալատի մը հազարումէկ, չնչին, խորունկ կամ եղերական յուզումներէն յօրինուած սիրտը, որ այնքան տարբեր է հասարակաց կաղապարէն։ Բազմակնութիւնը, Արեւմուտքի մշակոյթին մէջ, ալքոլին կը նմանի։ Ու ատով, հեռո՛ւ՝ այն օրինականացած դժոխքէն, որ Արեւելքի հոգեկան մթնոլորտն է կիներու վրայ։ Ի՞նչ զգացումով կեանքը չափէ պիտի կին մը, որ ամէն րոպէ իր տունին մէջ հիւր կը նկատէ ինքզինքը։ Ինչպէ՞ս կը լուսնան մահիճները, երկու-երեք կիներով հիւսուած արուներուն։ …։ Մեր տրտմութիւնները, յիշատակները, հաճոյքները իրենց հոլովումին ատեն մեզմէ կը փախչին երբեմն։ Ու կը դառնան, երբ պէտք չունին ք իրենց։

 

Տանիք-առաստաղի ապակիէն թռաւ կարմիր կրակի շերտը՝ տեղը ձգելով կնճռալից գորշութիւն։ Իր սպասումին մէջ աչքերը սեւեռ՝ սարայլը ն տող առ տող հետեւած էր այդ շիջումին [284], վերնադիր, կիսաթափանց սա կափարիչին վրայ, ուրկէ կը խուսափէր լոյսը   --դուք ըսէք կեանքը--, այնքան կշռելի, ծանր արագութեամբ։ Ուրի՞շ կերպ՝ սա փախուստին, մարդոց ալ սիրտին վրայ, որուն դժբախտութիւնն է «պատուհան» չունենալ, ինչպէս կը տարազէ ժողովրդական առած մը։

 

Յետո՞յ։

 

Քիչ-քիչ, բայց անհամարձակ՝ բառերը վերջապէս։ Կտոր ու նիհար։ Ինչպէս գեղանի հայլիի մը բեկումէն ետքը։ Ինչպէս գեղանի ապարանքի մը կործանումէն ետքը։ Ինչո՞ւ այսպէս կը զգանք երբեմն մենք մեզ։ Ու մեր բառերը կնիքը կը հագնին այդ ներքին կոտորածին։ Փոխադարձ, սփոփիչ սպեղանին չէին այդ բառերը, մատուցած իրարու վիշտին, այլ՝ խորութիւններէ փրթած ասուպի կտորներ, որոնք անոնց սրտի գորշ հորիզոնին կը գծուէին ու կը մարէին, փայլակնալոյս ու տրտում։ Ու խիտ էին տարօրէն, կրելով հետքերը խուլ, խոր տառապանքին, որ երկաթ կամարի մը պէս անոնց սիրտերը իրարու կ’օղակէր։ Ամսուան մը մտմտուք, վախ։ Ամսուան մը արցունք՝ աստուածավախ Աւետիսէն, որ Սողոմին տաճկընալու հեռանկարին դէմ կարծես աւելի կ’անձնականանար իր բաժինին, այդ նոր մեղքին մէջ։ Առանց Եղնիկին այդ տղան պիտի դիմաւորէր մահը, ինչպէս ըրեր էին բոլոր պապերը։ Ու առանց Աւետիսին, Եղնի՞կը։ …Ամսուան մը վախ՝ սարայլը հանըմին մինչեւ իսկ մազերէն։ Ի՞նչ կշիռով պիտի մօտենային մարդիկ չափելու այդ անհեթեթ յիմարութիւնը, գործուած փաշայի մը աղջկան կողմէ, գիշերանց, ամէնէն ահալից բանտի մը բաւիղներէն, հայու, ոճրագործ ու մահապարտ հայու կտորի մը այց ընելու։ Ու այս գաղտնիքը սեփականութիւնն էր արջու մը թոռան, տգեղ ու անսրբագրելի գիւղացի, որ չէր վարանած սակարկութեան մտնել ու առնուազն իր մարմինը պահանջել նժարին աչքին։ Միայն վէպերու մէջ չէ, որ կը դրուին այս դժնդակ պայմանները։ Կեանքը կու տայ ատոնք անողոք առատութեամբ մը, երբ գաղտնիքի կիսագունդին մէջ կը մտնէ։ Ունեցե՞ր էք այդ տագնապագին ժամերը, որոնց մէջ րոպէ առ րոպէ կը սպասէք աղէտին, ձեզ հիմնայատակ կործանող հարուածին, ու ասիկա ձեռքէն մէկու մը, զոր շաբաթ մը առաջ կ’արհամարհէիք   --ծառայ, պաշտօնեայ, բոլորովին ձեզի օտար մարդուկ մը, աղջիկ [285] կամ յիմար--    եւ որ գաղտնիքի մը բանալիովը կը պտտի ձեր շուրջը, լիրբ, իր կարգին արհամարհոտ, բայց խորապէս յիմար։ Սարայլը ն կը սպասէ՜ր։ …Ու անոր էրի՞կը։ Որ, իր աղջկան արարքը վերլուծելու իր եռանդին մէջ, անհանգիստ պիտի ընէր հոգեբանական, բնախօսական փառակազմ հատորները [286] առնելով վար իրենց գահերէն, փռելու համար կանանչ սեղաններու վրայ, որպէսզի լուսաւորուէին մթին օրէնքները մարդկային մարմինին ու վաւերացումը տային օր մը կանգուն, յետոյ թաղուած հաշիւներուն, որոնք Եղնիկին յղացումը [287], դիմային գիծերը, աչքերուն սաթէն ը բացատրէին, ժառանգականութեան մեծ տուեալներով։ Այս տագնապը, հակառակ հեռու իր ծագումին, կը պահէր իր [288] ամբողջ դառնութիւնը սարայլը ին ջիղերուն վրայ, որ խորունկ պաղարիւնով, արժանաւորութեամբ մը դիմագրաւեր էր զայն, համակերպելով իր ճակատագրին, ձգելու պալատը իր էրիկին, քաշուելու համար իրը, տարակոյսի առաջին իսկ նշանին։ …Յետո՜յ։ Բաներ կան, որոնք չեն մտածուիր իբր մաս։ Միտքը զանոնք միահամուռ ընդգրկած կ’ըլլայ, մէկ մասնիկին մօտեցած պահուն իսկ։ Անոնց միտքերը, մեկնած հակադիր բեւեռներէ, կեդրոնի մը վրայ հանդիպեցան իրարու։

 

-- Արիւնը կը քաշէ, Հաւատիս։

 

Այո՜։

 

Արցունքի մօտ տրտմութիւն կար սա ձայնին մէջը։

 

Պարզ բառեր, որոնք ինչպէս ասուպները, վերջին հետքերն են եղերական այրումներու։ Անոնցմով այդ կինը կը կարծէր տուած ըլլալ անսահման լայնքը իր յուզումին։ Այդ տարազը հասկնալի կ’ընէր, շատ մը բաներու կարգին, իր ալ բացառիկ հետաքրքրութիւնը դէպի տղան։ Հարիւր, դուք ճշդեցէք հազար ու աւելի բանտարկեալներ անցեր էին անոր աչքերուն սահմանէն, ա՛լ չդառնալու համար։ Ո՞ր օրէնքը այդ մէկը կը զատէր ու կը կեցնէր իրենց ճամբաներուն։

 

Բայց ամէն բանաձեւ հաճելի զգեստ մըն է, միտքը [289] խռովող փոթորիկէն անջատուած։ Անիկա գեղեցիկ է ու այդքան։ Իր թերութիւնը՝ լուծում չբերելն է մեր տագնապներուն, որոնք վարշամակէ, բեհեզէ աւելի կարօտ են մեղմող, «թաղող» ուժերու։ «Արիւնը կը քաշէ»։ Իրա՜ւ էր ատիկա։ Բայց նոյնքան իրաւ էին տարազին հետեւող բանակները աշխարհիկ նկատումներուն, որոնք հայու եւ թուրքի ինքնին ահաւոր անդունդէն զատ, աշխարհ մը ուրիշ անդունդներ կարող էին լեցնելու։ Ողբերգական ճակատումներուն տկար կողմը մեր անզօրութիւնն է, ամէնէն առաջ, մեզի դէմ։ Կը փնտռենք նպաստը, ամէնէն խոնարհ, արհամարհուած իսկ աղբիւրներուն։ Ու փառաւոր գահերու իսկ բարձունքին, կը ծռինք, սրտազեղ, դէպի սփոփանքը գերիին, երբ գուշակած ենք գահին դղրդիլը մեր ներքեւ։ Մեր տկարութի՜ւնը, նոյնիսկ ամրակուռ զրահներուն ներքեւ։ Նոյնիսկ համբաւին ու փառքին, պատմուճաններովը սրբացած։ Կու գայ րոպէն ու մենք կը լքուինք դուրսէն ու մեզմէ։ Երկու պալատներ տիրապէս կառավարող սա կինը խլեակ մըն էր վախին ու սիրոյն հեղեղին վրայ։ Ու կարօ՜տ՝ կամքի, ուղղութեան։ Ու տակաւին անոր մէջ կարգի կը սպասէին, նետուելու համար ասպարէզ, մայրենի երեւակայութեան բոլոր անուշիկ ցնորքները։ Ո՞վ անծանօթ է ատոնց չափազանց նուրբ, օդային ու յաճախ անկարելի ու սխրալի [290] գեղեցկութեան։ Ո՞րն է մայրը, որ աղջկանը համար պայազատներ, առնուազն պալատներ չըլլայ երազած։ Օրրանին մէջէն իսկ բուսնող այս պատրանքները կը բաժնեն ճակատագիրը միւսներուն ու, տարիներու հետ նուազելու փոխարէն՝ կը զօրանան։

 

-- Արիւնին դէմ չեն քալեր…

 

Այո՜։ Այսպէս կ’ըսէին, խոհարարին հեռու երկիրը, մեծ մօրուքով ու փայլուն, ճաղատ գլուխով մարդեր, կարգաւոր կամ ոչ, գաւազանին վրայ ուղղաձիգ, երբ լուրը կ’առնէին դղրդող դէպքերու, մեր սպասումէն բոլորովին գերիվեր, որոնց վերջաբանին, նոյն այդ մարդերը կոկոզ կ’ընէին հարուածեալ դուռներու սեմին ու կը ջանային հասկնալ ճշդիւ խաղերը ճակատագրին, տրուած դրուագին լարերը քակել, ու անկարելի նկատուող այդ միութիւնները, բախումները, գայթակղութիւնները մատչելի ընել իրենց մարդկեղէն իմաստութեան ստեղներուն։ Բարիքը, ոճիրը, սէրը ու թունաւորումը գլխաւոր զսպանակները կու տային այդ անակնկալներուն։ Հո՞ս։

 

Խոհարարը չունէր այդ մարդոց մօրուքն ու պայծառ գանկերը։ Բայց յիշեց հնօրեայ պատգամը։ Զոր լսեր է ր Սուրբ Սարգիսին Շաբաթ օրը, ձիւնոտ ու փոթորկոտ առտու, երբ դրացի Մանոն իր ջորիին վրայ տուն կը բերէր քողուած բան մը, հարսը, եօթը լեռ անդին խեղճուկ գեղէ մը։ «Արիւնին դէմ չէր քալած» Մանոյին հայրը, կտրիճ ջորեպան, ու առած հարսը իր օճախին տակ։ Այդ հարսնուկը աղջիկն էր այն կնոջ, որուն հետ նշան էր կապած, իր երիտասարդութեան եւ, աւելի կտրիճ հօրը ճնշումով՝ ետ ըրած էր նշանը։

 

Այո՜։ Քալելու չէին արիւնին դէմ։

 

Ըսեր էր անիկա այդ տարազը հօր մը հոգիով, որուն կարծիքին ըլլար դիմուած, դատելու իր զաւակը, սիրածին ետեւէն հայրենի օճախը լքող ու գացող։ Հետեւանքնե՞րը։

 

Խոհարարը ծալեց իր ձեռքերը կուրծքին վրայ։ Անիկա բնազդաբար կը մտնէր այդ դիրքին՝ ամէն անգամ, որ իր տարփուհին գիտնար աքցանուած ճակատագրին ճիրաններէն։ Որքան յաճախ գեղանի կին մը այդ եղնիկն [291] է, առիւծի մը ճիրաններուն մէջ։ Անիկա գործաւորն էր անոր մեղքին ու, այդ ակօսով՝ անոր բոլոր ցաւերուն։ Ուշագրաւ էր, որ այդ պարագաներուն անոր չայցելէր մեղաւոր Բարսեղ վարդապետը։

 

Սարայլը ն մեղմով քակեց այդ խաչը անոր կուրծքէն։

 

Իր նշանաբանն էր արիութիւն, ամէն բանի մէջ, վայելքին՝ ինչպէս դժբախտութեան։

 

Եկան անոնց կուշտերը իրարու, ամէն անգամուան նման, բայց խոշոր պաղով մը կիսուած իրարմէ։ Կեանքը կը թաւալէր այդ խորշէն դուրս, մեծ ու պղտոր, փափուկ ու գարշագին [292] ալիքներով։ Հազարով տուներու ներսը, սա պահուն, սեղան կուգային անօթութիւնն ու յափրանքը՝ ցաւն ու որդնոտած խղճահարութիւնը, անմեղութիւնն ու զոհին միամիտ ողբերգութիւնը։ Անոնց գանկին տակ այս ալիքը կը կոծէր սրտին նեղ պատերը իր ընդունարանին։ Կը մտածէի՜ն։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ իրենց մտածումները կը զգային այս բզզիւնով, պտուտքով թրթռուն ու շոգեւոր ոլորտի մը ընդմէջէն։ Տեսնելու, դատելու, հեռազգալու (բոլոր սիրահարներու, վտանգահարներու մօտ սա զգայարանքը շեշտուած էր աղբիւրին համեմատութեամբը։ Մշտական թրթռումը, պրկագին լարումը կ’աճեցնէ հանդարտ զօրութիւնները) իրենց սրութիւնը, աջողակութիւնը կարծես բանով մը կապ ունէին այդ պղտորումին։ Ա՛յնքան՝ որ անոնք կը նեղուէին իրենց հոգիին սա իրական «քրտինք»էն։

 

-- Ինչպէս մէջ ինկայ…

 

Սարայլը ՜ն, մարմինով ու հոգիով բոլորովին հեռու, գրեթէ զգայախաբական (hallucinatif) այլուրութեամբ մը։

 

Ու չէր անդրադառնար, որ ինքը չէր ինկողը, այլ ձգած էին զինքը։

 

Բայց խոհարարը լսեց քիչ մը շատ յստակ, անդրաշխարհի սա պատգամը ու անոր մազերը փուշ-փուշ քաղուեցան [293] հոգիէն դէպի դուրս։ Անիկա վերածեր էր այդ անկարող բացագանչութիւնը իր լռուած իմաստին։ Տաքցան անոր մտքին ճամբաները նոյնքան արագ հակազդեցութեամբ մը։ Հաշիւներէ, խղճագիտական ելեւէջներէ վեր թափանցում մը կայ, որ հասարակաց է մարդոց, մահուան ստուերին ընդմէջէն։ Մահը զգալու, դատելու կերպերը չեն բաղդատուիր մարդկային իմացական միւս գործունէութիւններուն, այնքան այլազան, ցեղէ ու միջավայրէ։ Խոհարար մը կը չափէ զայն իմաստասէրի մը պայծառութեամբ։ Սա տրամին երկու եզրերն ալ կը յանգէին մահուան։ Մէկուն մէջ՝ մարմինը։ Միւսին մէջ՝ հոգին։ Նոր չէ, որ մեր ժողովուրդը տաճկընալը աւելի սեւ պիտի արժեւորէ, քան մեռնիլը սուրի բերանով։

 

Արեւէն մթերուած գոլը կը հալէ՞ր առանձնարանին մէջ, որպէսզի կսկծագին մսուք մը երկննար անոնցմէ դուրս, դէպի ծայրերը իրենց մատերուն, որոնք երկաթի պէս պաղ եղան։

 

Պահ մը փորձեցին տաքցնել զիրար։ Բայց մարմինը կ’ընդվզէր, յոգնաթափ, անհամ, գրեթէ լեղի բան մը հանելով իրարու դիմաց, այտէ ու լեզուէ։ Ու այդ պաղը դարձեալ բառերուն ալ ժապաւէնին։ Տեսակ մը դժուար գնացք, որ դէպքերու վրայ իրենց անհեղինակութեան կը պարտէր այնքան, որքան հետզհետէ ծագելիքին, պարզուելիքին դէմ իրենց անպատրաստութեան։ Քոմանտան փաշա՞ն՝ որ դուրս էր այս ամէնէն։ Ֆերուզէ՞ն՝ որ կ’ատէր իր քոյրը։ Արջուն թո՞ռը՝ որ կրնար մէկ ժամուան մէջ ամբոխին բերանը ձգել իր սակարկութիւնը։

 

Անոնք չայցուեցան վարը սպասող մօրմէն, վասնզի մայրական վիշտը, շատ անձնական, չի ճառագայթեր իրմէն շատ հեռու։ Բայց զբաղեցան Սողոմով, որուն տարիքը ձեռնտու էր շատ մը կարելիութեանց։ Դպրոց, զինուորական կրթութիւն, ձայնին մշակումը։ Ինչո՞ւ չէ, քանի որ փաշան հետզհետէ խենթը կ’ըլլար իր տաղանդին։

 

Անկէ յետո՜յ։

 

-- Թող կարգադրէր Ինքը՝ Հեղինակը այս ողբերգութեան։

 

Արեւմուտքի մէջ չեն հաւատար Աստուծոյ, այսինքն՝ անով խտացած բարոյական սահմանադրութեան։ Զայն կ’ոգեկոչեն, ամէն առիթով, բայց իբր յաւելուած մը կ’ընեն ատիկա, որուն դերն է երջանկութեան փաստ մը հասցնելը Անոր գնահատումին։ Արեւելքի մէջ այդ բարոյախօսական հրամայականները մեծ հաճոյքով կը չարափոխեն, ծառայեցնելու համար զանոնք իրենց յայտ ու թաքուն շահերուն ու մարդերը կը մորթեն հազարներով, աւելի սրտեռանդ ծառայած ըլլալու փառքին համար [294] Անոր հրամաններուն։ Բայց ամէն մռայլ ու դժուար հարցերու դիմաց, չեն ալ վարանիր Անոր վզին փաթթելու տրամին հանգոյցը, լուծումն ալ սակարկելով միամիտ պնդերեսութեամբ մը։ Մի մոռնաք մատաղները, որոնք թուրքերուն մօտ բարքի մաս կը կազմէին։

 

Անկէ յետո՜յ։

 

Այսինքն՝ երբ մարմինը պաղէր սարայլը ին անդունդներուն խորը, ու հազար Աւետիս մնային անզօր պուտ մը կրակ ճարելու բիւրեղ, պաճուճուած սառնամանիքին, որ հանըմն է սանկ քառսունհինգէն ետքը, իր միսերը աղտի մը պէս կրելով իր ոսկորներուն վրայ, ու իր հոգին՝ իբր աւերակ մը, օր մը փառաւոր, բայց այժմ մոխրացած յիշատակարանի մը։ Այսինքն՝ երբ խոհարարը քաշուէր [295] իր առնութենէն ու մտնէր միւս ճամբան, ա՜ն՝ որ կը սկսի հողին տակէն, դեռ մահէն առաջ, մեր կրակները, յուզումները, երազները ափ մը սեւ աղբի նման դիզած մեր ոսկորներուն, [296] ու կորաքամակ այդ պուտ մը բեռէն, կ՚ երկննանք երկճղի տարածութիւնը, մէկով՝ դէպի դագաղը, լոյսը, միւսով՝ դէպի «անվախճան հուրն յաւիտենից», ինչպէս կը պաղատէր, որ տեսնային սա մեր կեանքը բոլոր անոնք, որ կը կարդային մեղաւոր Բարսեղ վարդապետին վիմափոր ողբը։

 

Անկէ յետո՜յ։

 

Այսինքն՝ անոնց զոյգ դժբախտութիւնը, այս անգամ Եղնիկին հրաշալի փթթումովը զգեստաւոր, շարունակէր ինքզինքը, պարմանութեան, երիտասարդութեան, հասունութեան բոլոր հրապոյրներով ընդելո՜յզ, յանգելու համար գուցէ աւելի մեծի մը, որ պալատէ պալատ կամարներ կը հիւսէր ու իրենց այդ ուրուականը (անոնք զիրենք հողին յանձնելէ չէին վախնար այս մտամոլոր կառուցումներուն եզրին) նետէր սանկ խորշի մը, ուրիշի մը կուշտին, լալու համար աչքեր անգամ չունենալով ու կանչէր զիրենք, ինչպէս հիմա անոնք կը կանչէին.

 

-- Ո՜ւր ես, մայրիկս…

 

Այնքան ճիշդ է, որ մեր մարմինին տարրերուն հետ մեր ցաւերուն ալ իսկութիւնը մենք կը փոխանցենք մենէ սերողներուն։

 

--

 

-- Աստուծոյ կամքովը։

 

Ուրիշ ի՞նչ, սա անկայուն հողերուն վրայ։ Դուք գտէք աւելի յարմար տարազ մը։

 

Չըսաւ անիկա հետեւորդ, պայմանադրական նախադասութիւնը, որ թափանցիկ էր շատ.

 

-- Մարգարէին հրամանովը։

 

Այսպէս կը կատարուէր թուրքերու կրօնքին մէջ ամուսնութեան առաջին արարուածը։

 

--

 

Անոնք դուրս ելան առանձնարանէն, մինչեւ իրենց ծուծը սառած ու մռայլ։

 

Իրիկունը ա՛լ գրաւեր էր բազմանկիւն սրահին վերնամասերը։ Տգեղ, ցոլացիկ երեսներու վրայ մութին այդ նուաճումը տխուր է՝ որքան ճնշող։ Զուր տեղը չէ, որ բանաստեղծները կը զբաղին այդ վերջալուսային թախիծով։ Ձեղունին կեդրոնէն ջահ մը, բազմալամբ, որմէ լապտեր մը վառած էր միայն, անկարող էր կոտրելու այդ իւղաներկ ու պաղ տրտմութիւնը, որ զարդարուած սրահները կը զատէ բնակուած վայրերու քաղցրագին ընտանութենէն։ Մեր տուներուն զանազան բաժինները ունի՞ն իրենց սեփական հոգեբանութիւնը։ Դժուար է հերքել։ Ամէնուս պատահած է անցնիլ մեր ձեռքէն փրթած ու չորս պատերուն տեղաւորուած առարկաներու քովէն, որոնք մեզ կ’ընեն ուրախ կամ մելամաղձոտ։ Հանըմը չտեսաւ քոմանտան փաշային կենդանագիրը։ Բնական մեծութեամբ, երիտասարդ, հասարակ [297] արուեստի մը գործ։ Չտեսաւ ուրիշ ալ նկար մը, պոլսական տեսարան, Էյուպի այնքան թիփիկ մզկիթը, նոճեստանովը, ուր սաւանի մէջ երկու կիներուն տգեղութիւնը միշտ կը գրգռէր զինքը։ Բայց նկարները անցան իր մտքին բացերէն։ Սպասուհիներ, սեւամորթ պզտիկ մը, շուքերու նման կը ճշդուէին կիսաբաց դուռներէն, առաջանալով դէպի հանըմը։ Անոնց տարազները, անճշդելի թշուառութեամբ մը կը թուէին հիւսուած, պատնուած զիրենք կրողներուն։ Երկու ալ պառաւ, տարօրէն [298] շնորհազուրկ, որոնց դէմքին ուռած էին խորշոմները, աղտոտ գոյնով մը։ Անոնց ալ նայուածքը կ’երկարէր հանըմին։ Մէկը հեռուներէն ազգական, պէյի մըն ալ կնիկը ատենին, իր հացը արդարացնելու համար սանկ աչք մը կ’անցընէր փաշային յարկաբաժինին, ու կը քաշուէր վար, անխօս, հպարտ՝ բայց համակրելի։ Անկար օրերու շնորհուած սափոր մը հացը [299] եւ տաք անկողինը մարդոց մեծ մասը հեռու է գնահատելէ։ …Մինչեւ խոհանոց։

 

Վարպետ Աւետիսը ոտքի տեղ երկաթ կը քաշէր իր ետեւէն։ Եւ սակայն չէր իսկ համբուրած։

 

Սարայլը ն յանձնարարեց անոր զբաղիլ Սողոմին մօրմովը։ Ոգեւորել, պատրաստել զայն, տղուն սպասումին մէջ։ Ի՞նք։

 

-- Պիտի խօսէր աղջկանը հետ։

 

Բայց գիտէր, որ չունէր ըսելիք։

 

Այդ տարտամութիւնը զինքը շեղեցուց հիւանդին լուսաւորուած սենեակը։ Քանի՜ տարի է, անիկա իր սիրտը բաժնուած կը զգար այդ աղջիկէն, որ անգիտակցաբար խռովեր էր անոր ապահովութիւնը, բարկութեան պահու մը զինքը ղրկելով «Հաւատիսին գիրկը»։ Այսպէս էր պոռացեր, իր ցաւին մէջէն, անիկա, աճապարանք ունեցող մօրը երեսին ու գլուխը թաղեր բարձերուն ներքեւ։ Անկէ ասդին, տարիները թաւալեր էին ու «ելոյթը» չէր կրկնուած։ Բայց այդ մէկ հատիկ քարը կոտրեր էր անոր մէջ մայրենի սէրը, որ կսկիծի, արգահատանքի շեշտ երանգով մը կը վիրաւորէր տառապող, «դանդաղ» աղջիկը։ Ու այս երանգը պարզ էր երկուքին համար ալ։ Նաժիշտները, իրենց բազմապիսի զգայութիւններով կը լեցնէին այդ աղջկան հոգին, ճարտարօրէն մշակելով անոր մէջ արդար, խուլ նախանձ մը, բախտաւորէն [300], Եղնիկէն։ Բոլոր տկարները թաքուն դաշնակիցներ են իրարու, ուժովին հանդէպ։ Անիկա իր մայրը ընդունեց անտարբեր դէմքով մը, որ մօտ էր չարութեան։ Ու այդ [301] նայուածքին մէջ կար այն օտարութիւնը, որ արձագանգն էր մայրենի սրտին դատարկութեան։ Առանց սպասուհիներէն առաջնորդուելու, լուսաւորուելու, տղաքը արդէն ունին սա այլուրութիւնը հանդէպ ամէն զգացումի, երբ չեն կրնար ընդգրկել, ամբողջ գտնել [302] ։ Ստոյգ է, միւս կողմէ, որ, սիրահարով գողցուածը, պակսածը, կինը կը ծածկէ իր ամուսինէն, ահաւոր ու պարզ բնականութեամբ մը։ Բայց մայրը այդ անկշռելին չի յաջողիր փախցնել զաւկին զգայարանքներէն, որոնք, շատ կանուխէն, կը չափեն իրենցմէ կորզուած, բաժնուած իսկանիւթը։ Սէրը սէր է ի վերջոյ։ Անիկա չխօսեցաւ այդ աղջիկին։ Ծանր, խոնաւ նոյն տրտմութիւնը պալատին հոս ալ կար, սուգի շղարշներու նման պատերէն, վարդերանգ առարկաներէն։ Կահերը, սկահակները ունէին այն կոտրած, սիրտէ հեռու լքումը, որ մթնոլորտն է հարուստ յարկաբաժիններուն, երբ տիկինին սիրտը պաղ է անոնց դէմ։

 

-- Հոս չէ։

 

Քէնոտ, պաղ, առանց նայուածքի։

 

Չեղողը, անշուշտ Եղնիկը։ Զոր շատ քիչ սկսեր էր հանդուրժել, երկու շաբաթէն ասդին, երբ անոր մարմնական լիութիւնը ու հոգեկան սլացքը ակնբախ կը դառնային բոլորին։ Աճումը երբեմն ոստումով կը գործէ։ Մեծ կիրքերը, իրենց կարգին, կը միջամտեն մեր ներքին կարելիութեանց ու կը ստեղծեն մեծ փոփոխումներ։ Եղնիկը հասուն աղջիկ մըն էր ու տարօրէն գրաւիչ։

 

Նախազգացո՞ւմ։ Կասկա՞ծ։ Ո՜վ պիտի համարձակի ստոյգ չափեր առնել հիւանդին ջիղերէն։

 

-- Հաւատիսին քովն է։

 

Նոյնքան պաղ, արհամարհոտ, չըսելու համար՝ ծաղրական։

 

Սողոմով ստեղծուած «զբաղումը» (բա՛ռ՝ զոր կը գործածէր հիւանդը մեծ չարութեամբ ու երկդիմի ցուցմունքներով) կը տարածուէր անշուշտ… մինչեւ խոհանոց, զանազան երանգներով։ Հայութի՛ւն, երաժշտութի՛ւն, գթութի՛ւն, ասոնք ծանր նախատինքով շուրջառուած կ’ելլէին այդ օրրաթոռին խորէն, երբ աս ու ան նաժիշտին գաղտասացութիւնները գրգռէին անբնական ջիղերը։ Աւելի՜ն։ Եղնիկին աչքերն ու Հաւատիսին աչքերը նոյն գոյնն ու յատակը ունէին։ Նո՞ր՝ թէ այդպէս էր միշտ։ Ո՞վ էր հարցնողը, տարի առաջ։ Ինչո՞ւ կը հարցնէին ատիկա հիմա։

 

Նեղուած, բայց անկարող այդ զգայութիւնը արտայայտելու   --շատ մը ազդակներ կը միջամտէին այս անկարողութեան, որոնցմէ մեծը մայր ու սիրուհի ըլլալն էր նոյն ատեն--, սարայլը ն նետեց ինքզինքը դուրս։ Հիւանդէ մը փրթած սա վիրաւորանքները ստեղծելու վրայ էին անդարման ծերութիւն մը։ Կիները այս կերպ կը տարազեն իրենց հոգեւարքը, իրենց հեղինակութեան կամ հմայքին հասած առաջին հարուածները [303] երբ հասկնալ կը ձգտին։ Մտիկ չըլլուող կեսուրը ու ցանկալի ըլլալէ դադրած տարփուհին իրար կը լրացնեն։ ... Խորունկ բեկումով մըն էր, որ իջաւ սանդուխները։ Նո՞ր կը զգար իր մարմինին բեռը, թէ տկար էր հոգեկան թունաւորումէ մը։ Յետոյ՝ ջա՛նք մը, տեսնելու դէպքերէն անդին։ Իրեն այնպէս կու գար, որ սեւ բան մը կը պատրաստուէր մութին ծոցը, հանդէպ «իր աղջիկին»։ Ու լսեց անիկա «իր» բառը, իր բերանէն, անօրինակ սարսուռով։ Մէկը, անոր մտքին, պարզ ու նոյնքան լսելի հնչումով մը հարցուց անոր։

 

-- Մի՞ւսը։

 

Հիւա՛նդը։

 

Որո՞ւն ն էր անիկա։

 

«Անհուն է մօրը սիրտը», ըսեր են սրտի խորաչափները։ Անշուշտ մեր պարտքն է հաւատալ անոնց գիտութեան։ Անհո՛ւն, ո՛չ միայն դէպի խորութիւն, այլեւ՝ դէպի լայնքը։ …Երբ այդ անդունդներուն եզրին մեղքին ծաղիկը կը նստի վախկոտ, ու մեր աղջիկը մեր դէմ կը հանէ՞ [304], կենդանի խայթի մը նման։ Երբ՝ կեանքը շինող մեծ ու պզտիկ յուզումներէն, տենդերէն, յիմարութիւններէն, պատրանքներէն մէյ-մէկ թել մոխիր կը ճերմկի այդ սրտին անհուն գաւառներուն իբր սահմանագիծ ու մեզ մեր գերեզմանը կ’ընէ՞ [305] …։ Անիկա կ’ամչնա՜ր մտածելու այդ «աղջկանը» վրայ։ Կա՞ն պահեր, որոնց մէջ կինն ու մայրը զատուին իրարմէ, մորթին տակ երեւալով մէկ, բայց երկուք, տասը, հարի՜ւր՝ իրարու դիմաց, խեղճ կամ բիրտ, բայց թշնամի իրարու։ Առանց մինչեւ ոճիր երթալու, կեանքը կը հաստատէ այս «բազմութիւնները» կիներու սրտին, երբ անոնք կը խղդեն իրենց ամուսինները կամ հեքիաթին պատմածին նման կու տան հովիւներու իրենց զաւակները՝ հեռու աշխարհ ղրկելով զանոնք։

 

Անցաւ անիկա այրերու բաժինէն։

 

Սրահը, դուրսէն, լուսաւոր կը թուէր, բայց այն յստակ տրտմութեամբ, որ դեկտեմբերի պարզկայ գիշերներունն է։ Պաղը՝ զօրանալու վրայ, հովին լեզուովը հետզհետէ հաստցող։ Աստղերը՝ սաստիկ։ Չենք գիտեր ինչու այսպէս կը զգանք մեր տունին ապակիները, պարտէզին մուտքին կանգ առած, մեր միտքը արձակելով խորհուրդին ետեւէն, զոր կու գանք ձգելէ, պարպուած մեր հոգիին արիւնէն, մեր մսուքը այսպէս արտարձակելով երերուն կամարներու։

 

Անիկա եկեր էր ճակատ ճակատի ժամացոյցին հետ, որուն դէմ ջահ մը երեք մոմ էր բռներ։ Փառաւոր, սատափով դրուագուն եւ «ոսկեհուռ» արարածը, ժամացոյցին արաբ նկարը իր նիզակները մօտ էր խրձելու սլաքաձեւ ուրիշ գիրի մը վրայ։ Պահն էր, որմէ յետոյ փաշային սպասումը րոպէներով կը կատարուէր։ Սովորական օրեր, այդ մուտքը քառաձի կառքով, կը կազմէր գիշերուան կարեւորագոյն դէպքը։ Ծառաները, ախոռի ջոլիրը, քէօլէ ները, տատա ներն ու տայլը ները, իրարու մօտէ անցած ատեն կը հաշուէին կայանները, որոնք ա՛լ ձգուած էին ետ։ Հիմա՞։ Սարայլը ն տագնապն ունէր «հանդէսին», որ կը գուշակուէր փաշային թուղթերէն։ «Ընտրեալ բազմութիւն մը» անոր հետ ընդունելութեան մեծ սրահին մէջ պիտի ըլլար հանդիսատես վսեմ արարողութեան, որմէ ետքը Սուղում օղլու Սուղումը պիտի արձանագրուէր սրբացած հաւատացեալ։ Այսպէս կը յանձնարարէին նոր հասնող թուղթերը։ Ու սրահը յարդարանք կ’ուզէր։

 

Մինչ այդ, նման ամէն սպասաւորի, որ կը վախնայ բազմութենէն, անով գալիք մեծ ու պզտիկ ընդհատներէն   --ծերութիւնը հոգիին սա վախն է անգուշակելի դէպքերու առջին–, կեցաւ անիկա ժամացոյցին դէմ, որմէ երգ մը, ճարտար ագուցումով մը, սեւուկ մանրանկար մանչուն բերնէն հոսելով, խորունկ ու մածուցիկ բան մը նետէր պատերուն: [306] Բայց նման կարմրած երկաթի մը վրայ ինկող կաթիլներուն, անոր հոգին կ’աղմկէր այդ խորովածի զգայութիւններով։ Կատարեալ ողբ, քառորդ րոպէ առնող սա եղերերգը, անշուշտ արեւելեան ալ, քանի որ պատրաստուած էր «Ալամանիա», քոմանտան փաշային յատուկ յանձնարարութեամբ։ Երաժշտութի՛ւնն ալ, անոր հեղինակութիւնը։ Մետա՞ղ։ Մի՞ս։ Իբրեւ թէ մարդկային մատէ մը թափուող այդ խազերը [307] նմանէին սլաքներու, որոնք սրտէ անցնէին։ Մետաղը երբեմն ունի այս արիւնոտ կսկծանքը։

 

Միւս կողմէ՝ տենդայոյզ շարժումները, աթոռի, սեղանի փոփոխումները, հրահանգները՝ «մեծաւորը» եւ անոր ականաւոր հիւրերը վայելչօրէն ընդունելու։ Արարողապաշտութիւնը ծերակուտական առաքինութիւն է։ Սեռին համար ա՛լ անպէտ դարձած՝ մարդիկ այսպէս կը շահագործեն ձեւին պաշտամունքը, շոյուելով բառով, շարժումներով, ու կը մոռնան, այս հոլովոյթին մէջ, կսկիծը իրենց շիջելափառ առնութեան։ Դուռներ, որոնք կը բացուէին մեծաշռինդ, անցք տալու համար թիկնաթոռներու՝ դէպի սրահը։

 

Սարայլը ն ձգեց ժամացոյցը ու անոր աչքերը կը քաշուէին խոհանոց։ Բայց կեցուց իր հոսումը, վասնզի ամէն րոպէ դիմում կար իրեն։ Ծառաները կը չարչարէին զինքը, իրենց ոչինչ հարցաբանութեամբ։ Հարուստներու բնակարանը խօսիլն ալ, ըսել կ’ուզեմ՝ զայն յարդարելն ալ գործ մըն է, ինչպէս ժողովներու մէջ խնդիր յուզելը։

 

Հարիւրապետ Աքիֆ պէյը։ Գեղազարդ։ Ալիւրի ելած երեսով։

 

Որուն ձին խրխնջեց, բացառիկ ու հզօր, թերեւս տիրոջը պէս «հոտ առնելով», ինչպէս կը պատկերէ ժողովուրդը սեռային բնազդին սա մութ արձագանգները տարազելով յաջողութեամբ։

 

Հարիւրապետը կանխած էր թափօրը, րոպէ առաջ ինքզինքը տարած ըլլալու համար սա «մեծապայծառ» սրահին, ուր պտտելու էին «մայրն ու աղջիկը», երկուքն ալ մէկ հանելով իր բերնէն, ինչպէս մէկ էին անոնք իր մտքին խորը։ Մենք վարժուած ենք տարբերութիւն մը դնել։ Գեղացի այդ «արջու թոռը» կին միայն կը տեսնէր այդ երկուքին մէջ։

 

Հակառակ իր պնդումին, սպառնալիքին՝ անիկա չարժանացաւ հանըմին հետ խօսելու։ Ծառայ մը անոր հաղորդեց հանըմին չափազանց զբաղուած ըլլալը, ընդունելութեան գործերով։

 

Ահագին իրարանցում։ Հիւրերուն մէկ մասը արդէն ծայր տուած։ Անդադար երթեւեկը սպասի մարդոց։

 

Քիչ ետքը, շքեղ դղրդիւնը լանտոյ ին։

 

Որուն ետեւէն կարճ ընդհատներով ուրիշ թաւալումներ։

 

Պորտայի մուտքին զինուորական բարձրաղաղակ բարեւ։

 

Ու պալատին բոլոր պատուհաններէն լոյս։

 

Շեփորը։ Ընդարձակ աղմուկով։

 

Արիշներուն ջահերը, վառօդով վերջացող։ Գահակալութեան եւ Ծննդեան տարեդարձներուն հրախաղութեանց մնացորդները՝ այդ հրթիռները։

 

Հոտ՝ վառօդի, այրած լաթերու, թուղթի։

 

Ազգային տօն։

 

Դ.

 

Սողոմենց կնիկը, աղաչագին՝

 

-- Մ’երթար, Աւետիս։

 

Կէս ժամէ ի վեր, խոհարարը առանց դադարի, կ’երթեւեկէր մէկ բաժինէն միւսը, հարեմլիք էն սէլամլըգ ը։

 

Հարիւրէն աւելի էր թիւը հիւրերուն, պալատի նախագաւիթին հիմա ցրուած, մեղմ խօսակցութեան մը անձնատուր, որ թուրքերուն քաղաքակրթութեան մէկ երեսն էր այդ ատեն։ Ընտանեկան աշխարհի իրենց օտարութիւնը զանոնք կը նետէր [308] սրճարանները։ Հանըմին կարգադրութի՛ւնը՝ սէլամլըգ ի մեծ սրահը զանոնք առաջնորդելէ առաջ, անգամ մը տեսնուիլ քոմանտան փաշային։

 

Անոր ջանքերը ապարդիւն անցեր էին՝ խնայելու համար Սողոմին սա պաշտօնական նուաստացումը։ Ու անիկա ճնշումին տակն էր այս վրիպումին։ Ամէն գնով տղան կը խնդրէր մօրը հետ տեսակցութիւնը առանձին կատարել։ Ու մինչեւ էտինք անիկա մերժեր էր համակերպիլ պաշտօնական տեսարանին, սպառնալով մեռնիլ, քան թէ այդքան աչքերու առջեւ մայրը ուրանալ։ Ու ամէն գնով քոմանտան փաշան վճռած էր մօր ու տղուն հանդիպումը տօնել դասական հանդիսաւորութեամբ։ Գերման երաժշտութիւնը ու թատրոնը հեռու էին շատ, որպէսզի տառապէին ճաշակի սա գռեհկութենէն։ Այս հանդէսը յայտարարելով իր շրջանակին՝ անիկա հարազատ թուրքն էր իր միջավայրին, ուսումէ անմասն փաթթոցաւոր հաճին, որ աշխարհը կը դատէ իր պայրամներովը ։ Բաց[ի] ասկէ, տղուն սպառնալիքը գրգռած էր անոր մեծամտութիւնը։ Անիկա չէր հաւատար, թէ հոգիները, քսանէն չանցած՝ կրնան հանդուրժել մահուան սարսափին։ Ու մերժեր էր, զինուորական արագութեամբ, կնոջը թախանձանքը։

 

Ու դէպքերը կը քալէին ինքնագլուխ։

 

Խոհարարը, գեղջուկ կնիկէն ինքզինքը ազատել ջանալով, կը հովուէր սեւամորթը, երրորդ անգամ ըլլալով կանգնած դուռին, հանըմէն հրահանգ բերողի տիրական կեցուածքով։

 

-- Մի վախնար, քուրո՛ւկ, հըմըճուկ կու գամ…

 

Ու յատկանշական էր, որ ներսը «բանող» բուռն տագնապին հակառակ՝ անոր բառերը փորձէին մնալ մեղմ ու կակուղ։ Անիկա մտահոգ էր սա հանդիպումին ելքովը աւելի, քան տանտիրուհին։ Հարիւր թուրք, հայու կտորի մը դէ՜մ։

 

-- Սիրեկան մեռելիդ հոգուն, մ’երթար քովէս։

 

Ու անոր դէմքին՝ վախէն շատ վեր այն խռովքը, որ կը զարնէ նախնական հոգիները, երբ, պատմել գիտցողի մը բերնովը, գիշերը կէսին, քընց-մեզ-աղէկներու հեքիաթ մը կը շինուի, խաղաղ սենեակին մէջ, քանի մը ականատեսներու իրերատիպ վկայութեամբը հաստատուած։ Երբ՝ իր մահիճին գամուած պառաւին շուրջը կը հաւաքուէին թիզ մը հասակով, բայց նոճիի մը չափ երկար մօրուքով ճիները ու անոր մեղքերը մէկ-մէկ կը բռնէին աչքին դէմ…։ Ինչ որ իբր ձայն, շարժում, երթեւեկ, մարդկեղէն տարր անցած էին Սողոմին մօրը ջիղերէն, սա կարճ միջոցով, բաւ էին քրքրելու ամէնէն ամուր ուղեղները։ Սա պալա՞տը։ Անիկա երազին մէջ իսկ չունէր տեսած անոր նմանը։ Հեքիաթին շինածները չափազանց անորոշ են, տեսանելի ըլլալու համար, ու ոսկեդրուագ՝ ըսուելու համար իրաւ։ Այս խորունկ յուզումը տեսակ մը յատակ էր անոր ցաւին, որ ելած էր նախնական մշուշէն, դարձեր էր յստակ մեռել մը։ Անոր զգայութիւնները սահմանին մէջը կ’իյնային անիրական, ահալից պատահմունքներուն, ձմեռ գիշերուան նուէ՜րը՝ գեղջուկ երեւակայութեանց։

 

-- Մենաւորիկ ես կը վախնամ աս սարայ ին մէջ։

 

Իրաւ ալ իր բառերուն հետ անիկա գրեթէ կը դողար, առանց գիտնալու։ Այս յուզումէն բռնավար, դողդոջ իր ձեռքը ամրացուց խոհարարին մէջքին, գօտիին։

 

-- Ձգէ, քուրո՛ւկ, գործ կայ, գո՜րծ։

 

Ու անոր մէկ աչքը միշտ կը հովուէր սեւամորթ պահակը, որ նեղսիրտ, զայրացած ըլլալուն հակառակ, պարտաւոր էր ինքզինքը ծածկել։ Պալատներուն հոգեբանութիւնն է ասիկա, զգալ ու տեսնել, բայց ատիկա հերքել աշխատիլ։

 

Խելքէ ու ապրումէ բաւական աղքատ՝ Սողոմենց կինը հեռու էր հասկնալէ սա շշուկուած, բայց չըսուած «գործը»։ Անոր հետաքրքրութիւնը չունեցաւ իր գոհացումը։ Այս անորոշութիւնն էր, որ անոր մէջ փոխուեր էր վախի։ Այդ վա՜խը՝ իր մինակութեան, երբ, խոհարարին բացակայութեան, Սողոմը մտցուէր պալատ։ Որ սա կնիկները առնէին տղան, իրեն չհասած։ Որ սա մարդերը գողնային տղան…։ Այսպէս ողորմելիներ ենք մենք ամէնքս, մեր դատումին, ենթադրումին, եզրակացումներուն մէջ, երբ գիտենք վտանգը ամրօրէն տեղաւորուած մեր քամակին։ Դիւրայոյզ, խոր սա րոպէները որո՞ւ կարգադրութեամբ, փոխանակ կարճնալու, սպառելու, կ’երկննային այսպէս, մինչ իր չորս պատերէն դուրս թուրքին աշխարհը, աւելի քան իրաւ, լռին [309] պատկեր էր անոր ջիղերուն, ու թուրքին Աստուածը հինա կը դնէր [310] ՝ ինչպէս սովորութիւն էր խօսիլ գեղը, թուրքերուն յաջողութիւնները, ուրիշ բառով՝ հայուն կորանքը զրուցուած ատեն, սեմի ժողովներուն։

 

Խօսե՞ր էր գլուխ գլխի, Աւետիսին։ Այսինքն՝ իր սիրտը դանկըտող մեծ ցաւը պարպա՞ծ։ Կը հարցնէր լրջօրէն ասիկա ինքնիրեն, թէեւ դեռ իր մարմինը կսկիծին տակն էր այդ տեսակցութեան, ասոր սիրտ ճմլող յուզումներուն, քանի որ ատոր ընթացքին, հարազատ հայ-քրիստոնեայ՝ անոնք մօտեցեր էին Երկինքին ու Դժոխքին հզօր իրականութեան, որ այդ գիծէ միակ իրականութիւնն է, ամէնէն իրաւը, ու մարդկայինը։ Ըլլալով փոխն ի փոխ նկուն ու կատաղի, խանդավառ ու յուսահատ, վճռական ու դոնդող, Սողոմին մահը զետեղելով երկու աշխարհներուն ալ պորտին ։ Անիկա պատրանքը չունէր այդ մահուան։ Բայց տեսակը ընտրելու, վճռելու հարկին առջեւ ձեռքերը կը ծեծէր գլուխին։

 

Միւս կողմէ՝ գիշերասկիզբը, որ քալեր էր խռովիչ մանրամասնութեանց մէջ։

 

Թուրքին պալատը, ժողովուրդի մտքին, կը տարբերի հեքիաթին պալատներէն, արիւնի, ոճիրի, կրակի, կախաղանի շատ ուժգին աւանդութիւններով։ Մինակ հայու հոգեբանութիւն չէ ասիկա, այլ՝ անդրադարձը քաղաքական բարքերու, որոնք մարդու մը կեանքին տեւողութեամբը այնքան հսկայ վերիվայրումներ կը հանդերձեն մեծափառ փաշաներու, բախտի գագաթէն մէկ օրուան մէջ իջնող անոր անդունդը, տունովն ու տեղովը հետակորոյս։ Ու այս ծուէնները դեռ մեռած տարր չեն թուրքերու բարքերէն։ Այսպէս կը մտածէր ճանճի չափ ուղեղ չունեցող կինը, իր ջիղերով, քանի որ լսած էր [311] այդ ամէնէն։

 

Խոհարարին հետ խօսակցութիւնը ընդհատուեր էր մէկէ աւելի անգամներ դուրսը անցնող-դարձող բաներով, որոնք իրենց կիսաշունչ, երկարուն արձագանգով խոշորցած մասերէն մատչելի էին անոր գերագրգռուած ջիղերուն։ Երեւոյթները երբեմն այս աղաւաղումով կը զետեղուին մեր ուղեղին։ Իրենց ամբողջութենէն անջատուած, առանց գլուխի կամ ոտքի, բայց առանց հրէշայնութեան ալ։ Շրջապատին օտարութիւնը, նորութիւնը, այլայլուն համբաւը դեր ունին սա զգացական ձեւազեղծումներուն մէջ։ Սողոմենց կինը բացառիկ ընկալչութեամբ մը հետեւեր էր այն խելացնոր աղմուկին, որ գործն էր կառքերուն, անջատ ձիախումբերու, մեծադղորդ բացուող ու գոցուող դուռներու, շարժումներ՝ ծառաներու իրերանցիկ գոռում-գոչումովը համախառնուրդ։ Բանա՜կ մը ամբողջ։ Տարօրինակ հնչականութիւնը՝ սա սենեակին, զոր կը գտնէին վերէն, քովերէն փրթած ձայնի բոլոր կտորները։ Կտրտեցէք այդ աղմուկները այն միւս լուռ աղմուկներով, որոնք մարդերն են, առանձին կամ խումբով, առանց որոշ գործի մտնող, ելլող, բան մը փնտռելու պատրուակին տակ կիսապուշ կինը սեւեռելով ծանրկեկ բիբերով։ Կինե՜ր՝ ամէն տարիքի, ամէն գոյնէ։ Ու ամէն հոտէ։ Դաժան, կիսաժպիտ, ծեքծեքուն ու մեգերա ։ Որոնք բերան չէին բանար ո՛չ իրեն, ո՛չ խոհարարին։ Կինե՛ր՝ բացի մօտ երեսներով, բարակ ու ժանեկահիւս, այնքան հով, որ մարդ կը շփոթուէր անոնց իրական մարմին մը տալու։ Ուրիշներ, դարձեալ կին։ Որոնց հագուկապին այլանդակ այլազանութիւնը իբր նոր վախ մը կ’աւելնար անոր ջիղերուն, նրբենի, ձիւնի թելերով շինուած շղարշէն մինչեւ տանհիւս կապա ն, թուրքերուն [312] ճիւպ[պ]էն, երերուն ակօսաւոր կտրուածքովը ու կարերուն օղակէն բակլայ-բակլայ դուրս ցայտող կոյր աչքերովը։ Կիներուն սա հետաքրքրութիւնը, տղէն առաջ մայրը տեսնելու։ Ու որեարը ծառայողներուն։ Ապարանքներուն ենթաշխարհը մարդկային պազար մըն էր Թուրքիոյ մէջ։ Նախապաշարումի հաճոյքով կը յարգէր աղտն ու ոջիլը հոն ինկած խլեակներուն, որոնց դժբախտութիւնը իրաւունք մըն էր, բախտէն գողցուած։ Կրօնական հարկադրանքէն անկախաբար, տանուտէրը իր հացն ու պաշտպանութիւնը չէր զլանար անոնց պարագաներուն անգամ։ Քոմանտան փաշային ապարանքը կը միացնէր երկու աւանդութիւններն ալ։ Ու չկար համրանքը այդ սպասի արարածներուն։ Նոյն յարկին մէջ շունչի սա շատութիւնը ի վերջոյ տպաւորեց գեղացի կինը, որուն պատմութիւնը յետին հետքերը կը յիշէր յիսուն-վաթսուն հոգինոց ընտանիքներու, ա՛լ անդարձ կորած գեղին առօրեայ իրականութենէն։ Տպաւորութեանց սա խառն ստեղներուն մէջ Սողոմին կարօ՞տը։ Անիկա մթնոլորտն էր անոր հոգիին։

 

Սեւամորթը, դրան։

 

Եղկ։ Նենգ։

 

Բայց պաղարիւնովը թուրքին, որ գիշակերինն է զոհին աշումը [313] կատարած պահուն։ Արիւնի մէջ այնքան անժուժկալ, անկէ առաջ թուրքը գիտէ ինքզինքը պահել զարմանալի բնականութեամբ մը։ Սեւ Մուսթաֆան կը զննէր կեավուր ին մայրը։ Ու կ’ընէր ասիկա, դեռ մինչեւ այն րոպէն լաւ հասկցած չըլլալով արժէքը հայուն կտորին, որ սա աւերակէն էր փրթած։ Անոր կեանքին շատ մը տարօրինակ դէպքերէն երկու պատահար կը գրաւէին անոր զարմանքը։ Մէկը գիտէք։ Մի՞ւսը։ Ատ ալ արժէքը սա «խոհարարի կտորին»։ Ներքինիի իր ահաւոր հոտառութիւնը զինքը յաճախ կը դնէր իրականութեան հետքին, բայց կը լքէր զինքը, երբ հարկ կը ներկայանար իր կասկածները բանաձեւել։ Քոմանտան փաշային աղջիկ հայթայթելը աւելի շահաբեր էր անշուշտ, քան կասկած հայթայթելը։ Բայց չէր անգիտանար «խոհարարի կտորին» հեղինակութիւնը։ Ու խելացի մարդ, շրջանը կ’ընէր, խուսափելով անոր ճակատուելէ։ Սրբազան՝ իր բառով [314] միւպարէք սա գիշերը անիկա զգուշացաւ աղտոտելէ «խոզի ձագ», «երիցս խոզ» անհաւատին հետ անտեղի բախումով մը։ Պիտի ատէր զայն։ Բայց պիտի քաշուէր հետն իյնալէ, քանի որ վէճը հանըմին կը յանգէր։

 

Չորրորդ անգամն ըլլալով՝

 

-- Հայտէ, Հաւատիս։

 

Խստութի՞ւն, սա շեշտին մէջ, որպէսզի խոհարարը աղար ակռաներուն տակէն.

 

-- Գնա՛ գործիդ, սեւ սատանայ։

 

Խստութի՞ւն, սա արձագանգին մէջ, որպէսզի Սողոմին մայրը շուար ճիչով մը ձեռքը տանէր բերնին, ապուշութեան ու վախի դասական արտայայտութիւն։

 

Խոհարարը բռնեց անոր դաստակէն, սեղմել չուզող, ազատելու ճիգով իր գօտին։

 

-- Հըմըճուկ, քուրո՛ւկ, հըմըճուկ ։

 

Ու թաւ անոր յօնքերը կծկուեցան դառն շարժումի մը վրայ, որ ոլորեց անոր ծոծրակի ծխնին։ Գեղացին բնազդական այդ խուսափումը կ’օգտագործէ, ձեռքերը ետ ընելով։ Նոյն այդ պռստումին մէջ անիկա չափեր էր սեւամորթը, գլխէն մինչեւ եղունգները, ինչպէս կ’ըսեն, բիրտ, վիրաւորիչ։ Չհայհոյեց սակայն   --վասնզի մոռցեր էր ատիկա իր տարփուհիին պնդումին վրայ, որ այդ շահին համար կը ներէր անոր միւս կոշտութիւնները հանդէպ աղաներուն, ասոնց շառաւիղներուն–, քանի որ այցուեցաւ պահին պատգամովը։ Պատրաստութիւնն էր ատիկա կեավուր ին, որուն ցեղէն ահա հատ մըն ալ կը պակսէր` աւելնալով թշնամիին շարքերուն։ Ու խոհարարը, առանց ընկերաբան կամ յեղափոխական ըլլալու, կ’ընէր թափանցումը սա պատգամին։ Տարբերութեամբ մը սակայն։ Այդ թափանցումը նմանելի չէր հիմկու, յետպատերազմեան սերունդի յուսակտուր նահանջին, այլ՝ հոգեպէս փոխարինուած տրտմութիւն, նահատակի շեշտ ու առոյգ աւիշով ու ցեղային այն հոգեբանութեամբ, որ կորուստը, մահը նորոգման եւ ուժի ազդակներու կը վերածէ մեր պատմութեան մէջ ու մեզ բերած է մինչեւ մեր օրերը, կոտորակուած, պակսած, բայց առողջ ու յամառ…

 

-- Գնա՛ կորսուէ, պէ հերիֆ [315] ։

 

Ցցուեցաւ անոր բռունցքը։ Ու չէր գիտեր որոշ, թէ ի՛նչ կ’ուզէր սեւամորթէն։

 

-- Խելքին տէրը չէ նորէն, - մրմնջեց սեւամորթը, խոհեմ ըլլալու դատապարտուած։ Քանի տարի է, անիկա կատաղութիւնը կը մարսէր իր անզօրութեան հանդէպ այդ կեավուր ին, որուն ուժին «աղբիւրը» թէեւ պարզ, բայց ջուրովը կը մնար անծանօթ։

 

Բախո՞ւմ։

 

Չեղաւ ատիկա։

 

Նրբանցքի սալերուն կրունկի զարկեր։

 

«Ժամ մը» հեռուէն խոհարարը կը զատէր Եղնիկին տոտիկները, առանց սխալի։ Մենք կը սպասենք մեր սիրածներուն, ինչպէս երաշտահիւծ արտերը ամրան անձրեւին։ Մենք պիտի սպասենք մեր սիրածներուն նոյնիսկ երբ մեր ջիղերը ըլլան փրթած անկանգնելի բեկումով։ Թերեւս քնանայ մեր մէջ սէրը։ Բայց զաւկի հանդէպ մեր մէջ զգացածը վայրկեան մը անգամ չի կրնար դադրիլ։ Եղնիկը շունչն էր այդ խոհանոցին։

 

-- Լաւ, շատ լաւ ըրիր, որ եկար։

 

-- Ինչո՞ւ, Հաւատիս։

 

Մեղմ էր ձայնը, հակառակ հոգիին հանդիսաւոր պայծառութեան։ Ուրկէ՞ այդ կէս տրտում բանը, որ մեզ կը տեղաւորէ մեր շրջանակէն դուրս։ Պարմանները դեռ լոյծ մարզեր ունին մարմնական՝ ինչպէս հոգեկան մարզերու մէջ։ Մեծերուն եւ իրենց միջեւ անհասկացողութիւնը արդիւնք է այս փոխադարձ անգիտութեան։ Կիսակազմ այդ տիեզերքը ունի իր օրէնքները։ Ու աղջկան մը աչքերուն ճերմակն անգամ պիտի խնդայ, իր սիրած մանչուն համար։

 

Անիկա դիտեց, նոյն պայծառութեամբ, աչքերը խոհարարին, ուրկէ «կրակ կը փրթէր»։ Շեղ այդ նայուածքը՝ դէպի սեւամորթը, հիմա՝ ինչպէս առաջ։ Որմէ ետք բառի, յօնքի գօտեմարտը, զուարճալի՝ հանդիսականին։

 

-- Նորէ՞ն կռիւ։

 

-- Քիչ մը պիտի կենաս քովը։

 

Խոհարարը կը դողար ու կը դողար` առանց սեւամորթին նայելու։

 

-- Որո՞ւ քովը։

 

Պարտաւորուեցաւ հարցնել, աղջիկը անտեղեակ ըլլալով խոհարարին մտածումներուն։

 

-- Այս կնոջ։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Չ’ուզեր մինակ մնալ։ Ես գործ ունիմ աշխարհ մը։ Հանըմը կանչած է։ Չի թողուր, որ ելլեմ դուրս։

 

-- Դեռ չե՞ս գացած։

 

-- Չի թողուր։

 

-- Բայց ինչո՞ւ։

 

Ու լայն, անուշ, աղուոր ժպիտը կը թուէր հարցումը կրկնել Սողոմին ալ մօրը։ Անիկա մօտեցաւ գրեթէ անոր շունչին հասողութեանը։ Հագուածքը՝ նոր ու նուրբ։ Երրորդ անգամն էր, որ զգեստ էր փոխեր, այդ մէկ օրուան մէջ` մնալով առանց զարդի։ Բայց իր պարզութեանը մէջ այդ շքեղութի՛ւնը, որ կը շլացնէ։ Սողոմին մայրը ձգեր էր խոհարարը, որ աճապարանքով նետեց ինքզինքը դուրս։ Անոր ետեւէն կանչը՝ Սողոմենց հարսին.

 

-- Մ’երթար, օղո՛ւլ, մ’երթար…

 

Եղնիկը, աւելի քան բարի՝

 

-- Գործ ունի անիկա, մա՛յր, ձգէ՝ երթայ։

 

-- Ի՞նչ է գործը, աղջիկս։

 

-- Գո՛րծ։

 

-- Կ’ըսեն ու կ’ըսեն, ատ է ըսածնին։

 

-- Քովդ եմ ես։ Ինչո՞ւ իրար կ’անցնիս։

 

Ու դրաւ իր ձեռքը անոր ուսին։ Անոր աչքերէն «ճերմակը կը խնդար», ինչպէս դիտեց կրկին չորցած կնիկը։

 

Վստահութիւն, ընտանութիւն, գեղեցկութիւն, մարդամօտ ազնուութիւն, այն անորակելի գոլը, որ մեր ցեղին հոգիինը եղաւ դարերով։ Ըլլար հարս մը, իրենց թաղէն, պզտիկուց մեծցած, ու բնութքէն անվարշամակ։ Ըլլար աղջիկ մը աղբիւրէն դարձող, ջուրը բաշխելու համար ուսէն առած վար հսկայ սափորը, ու զովութիւնը տալու ատեն ծարաւ շրթներուն, հոգին ալ տալով իբր նուրբ հոսում…։ Աւելի՛ն. Սողոմենց կինը, էրկանը [մահէն ետք] [316] դարձեր էր զգայուն [317] անտես այն հոսումներուն, որոնք մեր բարոյական անձնաւորութիւնը կ’արտաբերեն բառի, ժպիտի, գործքի ծուէններով։ Ընկալչութիւն մը կայ, որ արգանդէն դուրս է կնոջ համար ու իր զաւակներուն յօրինումին մէջ երեւան կու գայ։ Գեղերուն խորը այդ արտացրումը զարդով, ափերով [318], արտաքին փաթաթներով չի կոտորակուիր։ Սողոմենց հարսը կրցա՞ւ ըմբռնել խորունկ ու մատղաշ այն ուրախութիւնն ալ, որ աղջիկներունն է, բացառիկ, խակ, միամիտ ու խպնոտ՝ այնքան տարբեր կիներուն դէմքը լարող, աճեցուն ու յարձակիչ [319] ընող միւս թրթռումէն, ու խնամքով, հմտութեամբ յարդարուած ալ։ Այդ րոպէին, ամէն ինչ հաճութիւն ու խաղաղութիւն էր այդ աղջկան վրայ։ Երջանկութիւնը նմանցուցած են շատ բանի, նոյնիսկ հովին, զոր չենք տեսներ, բայց կը չափենք։ Երբ կ’ողողէ մեզ, մեր հոգեկան ոլորտէն փարատելով [320] աւելի աղջը [321] մեր անձուկին։ Ո՜վ գիտէ քանիերորդ զգայարանքը կը միջամտէ [322] այդ արդիւնքին համար։ Կայ անշուշտ նախասահմանում։ Մահը հեռուներէն զգացողները լեգէոն կը կազմեն։

 

Անիկա, այդ աղջկան գոլին մէջ ինքզինքը զգաց դուրս իր վախէն։ Գեղեցկութեան եւ թարմութեան նշանն [323] է ասիկա։ Մանուկներու եւ աղջիկներու հետ մեր հոգին ինքնաբերաբար կը խաղաղի։

 

-- Աս ի՜նչ խաս մազեր ունիս։

 

Իբր թէ գեղի աղջիկտեսի պատկերի մը դէմն ըլլար։

 

Իրաւ ալ, ուրախութեան այդ բեհեզին մէջ քոմանտան փաշային աղջիկը գեղեցիկ էր, «ամենական» գեղեցկութեամբ, պարպուած իր թրքութենէն, հայ-քրիստոնեայի վայել պարզութեամբ։ Տեսակ մը հարսնուկ, Նոր Կիրակիի պատարագին ղրկուած, քողը քամակին, հաղորդ առնելու, օրհնէնք ճարելու բեղմնաւորուած արգանդին, համբուրելէ ետքը պատարագուորէն Ս. Աւետարանը ու բեմի ոտքին ճակատազարդ քար խաչը, դառնալով էրկանը տունը, կեսրոջը առջեւն ինկած…։ Գեղացի կիները պարմանութեան տարիքը ուրիշ անկիւնէ չտեսան երբեք…։ Ինչպէ՜ս խոր յուզումով անիկա, Սողոմենց կինը, իր հարսը ձգէր պիտի առջին, նոյն այդ Կիրակին, դէպի իրենց տունը, փողոցը մտնելէ ետք անոր հրամայելով կարգով համբուրել ձեռքերը դռնառաջքի անկարներուն, որոնք իրենց մեղքերը քաւել կը սկսէին դեռ այս աշխարհէն ու ատով աստուածահաճոյ դարձած, օրհնէնք ու մաղթանք բաշխելով Երկնաւորէն չուրացուած որովայններուն։ Առաջին տարին, մարմնական պահեցողութեան հնաւանդ պատգամը, որով նոր հարսները անդրանիկ տաղաւարը (Ծնունդ կամ Զատիկ) մէրանցը կ’անցընեն, ամէն կեսուր կը յարգէր այդ շրջանին։ Ու տօն էր բոլոր յարկերուն տակ, հարսներու տարիին [324], դասական սեղանին շուրջը, հացով ու ձուկով, հաւանաբար նմանելու համար Աստուածորդիին բացօթեայ սեղանին, լիճի եզերքին, սովահար հազարներու առջեւ, երբ հինգ նկանակը կ’առատանար Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրամանովը, բանակը կուշտ ու կուռ, պայթեցնելու աստիճան ուռեցնելէ ետքը, երկոտասան սակառ ալ կտորուանք թափելով։ Աւանդութիւն մը այդ հրաշքը կը շփոթէր Նոր Կիրակիի մատրան հրաշքին հետ։ Գարնան գեղեցկագոյն ամիսին մեր տաղաւարը չի կշտանար Զատիկով, այլ կը տարածուի ուրիշ ալ Կիրակիներու։ Ու հացի հոգէն դուրս, կիները հոգն ունին երկինքին։ Գեղերու մէջ սեռը հոգ չի կազմեր` ըլլալով արդէն նախապայմանը կեանքին։

 

-- Եկա՞ւ [325] ։

 

-- Ո՞վ։

 

Չէ՞ր գիտեր այդ աղջիկը, թէ կը կեղծէր։ Մայրերը իրենց զաւակները պիտի ընեն կեդրոնը տիեզերքին։ Չկրկնեց սակայն իր հարցումը։ Բնազդի իմաստութիւն մը կայ, որ անմշակ միտքերու մէջ կը գործէ նոյնքան սուր եւ ուղիղ ճամբաներով։ Գիւղացի կինը լռեց, գլուխը ձգելով առջին։ Անիկա կը վախնար անունը տալ իր մանչուն։

 

-- Ինչո՞ւ չես պատասխաներ։

 

Չէ՞ր լսեր սա կինը։ Եւ սակայն այդ աղջկան ներսէն ծով մը ըսելիք կարգի կը սպասէին ու կը տառապէր, որ լուռ կը մնար անոր դիմացը։

 

-- Ի՞նչ է քու անունդ։

 

-- Սողոմենց հարս։

 

-- Դուն հա՞րս ես որ…

 

-- Եղեր եմ…

 

Ճիտը ծուռ, ողորմուկ՝ դէմքէն ու ձայնէն։

 

Ե՞րբ անոր մատները հիւսուեր էին իրարու` կազմելու համար տեսակ մը ասպանդակ անոր ծունկին։

 

Առանց քաշուելու, Եղնիկը քակեց այդ չարագուշակ հանգոյցը մատներուն։ Դժբախտութեան դժուար կը վարժուինք, երբ դուրս ենք անկէ։ Բայց մէջն ըլլալէ յետոյ անոր չենք հաւատար։ Նախապաշարումները անդրագոյն, դժնդակ փորձառութեանց հրիտակներ են ու ամէն մէկին տակ առնուազն քանի մը հարիւր ողբերգութիւն կայ ծրարուած։ Այնպէս որ, սխալ պիտի չըլլար զայն հոգեկան սնունդ անուանել։ Անոր չհաւատացողները, ամէնէն շատ կը դարպասեն անոր։

 

-- Ես ալ եղեր եմ քու տարիքիդ։

 

Իրա՞ւ կ’ըսէր սա աւերակը, որ մազ իսկ չունէր՝ շէնք-շնորհք կին մը ըլլալ կրնալու համար։ Պառաւներուն դէմ աղջիկները, մանկամարդուհիները չեն հաւատար այդ հրաշքին։

 

-- Ես հա՞րս եմ որ…

 

-- Հարս, հարսնցու մէկ են, աղուոր աղջիկս։

 

-- Ձեր գեղը աղուոր աղջիկներ կա՞ն:

 

Հարցումին հետ, անոր մատները քշած էին քունքերէն դէպի ետ անխնամ խոպոպները, երեւան հանելով լրիւ կաղապարը երեսներուն, մինչ աչքերուն խորը, ցօղի պէս, ճառագայթի պէս սրտառուչ այն շամանդաղումը, որ սեռն է, այդքան անգայտ, տարօրինակ ու փափուկ, ինչպէս գիտեն ատիկա ընել կիները, որոշ պահերու, պարէն առաջ կամ վերջը, դաշնակի գլխուն կամ դէպի արուն ձեռք երկարած ատեննին։ Ամէն աղջիկ, այս ճամբով պիտի սկսի կինը իր խակ ձեւերէն։ Գեղեցկութիւնը, ըսել կ’ուզեմ՝ ատոր պատրանքը, հեռու սնափառութիւն ըլլալէ, հոգեկան սնունդն է աղջիկներուն։ Չկայ հատ մը անոնցմէ, որ իր այս ու այն շնորհին շուքովը ինքզինքը աշխարհին ամէնէն ցանկալի արարածը չընդունի։ Ո՛չ դրամը, ո՛չ փառքը մօտիկը չեն դրուիր այդ պատրանքին։

 

-- Ինչո՞ւ չես խօսիր։

 

-- Ի՞նչ խօսիմ։

 

--  Հարցուցի քեզի. ձեր գեղը կա՞ն աղուոր աղջիկներ։

 

-- Կան հապա՞։

 

-- Շատ, շա՞տ աղուոր։

 

Ու չէր զգար, որ հարցումին հետ հաւաքեր է ր իր մարմինին բոլոր պահծու զօրութիւնները, որոնք կը կանչուին կրկէս, ու մեզ կ’ընեն մենէ շատ բարձր։ Պարզուեր՝ հասակը։ Շտկեր՝ յօդուածներուն իսկ զսպանակները։ Այսպէս «լարուած», ու ողողուած իր յուզումէն՝ անիկա մանուկի մը պէս միամիտ էր ու սրտառուչ։ Ու չէր գիտեր, թէ պատասխանի չէ, որ կը սպասէր։

 

Փողի շատ ուժգին աղմուկ մը, արձագանգէն աստիճան մը զօրացած՝ ցնցեց ատոր անպատրաստ կինը, որ վախի շատ յատկանշական կծկումով մը նետուեցաւ ոտքի։ Անոր մատները կը դողային։

 

-- Ինչո՞ւ վախցար այդքան։

 

-- Ի՞նչ է ասիկա։

 

-- Չե՞ս լսած բնաւ։

 

-- Չէ, աղջիկս։

 

Ու ամօթ կար իր ձայնին մէջ։

 

Բայց փողը կը պոռար, թուրք ու յաղթական։ Տարօրէն լեղի էին անոր ոլորումները ու սիրտ նեղցնող, ա՛յնքան՝ որ առանց գիտնալու ձեռքը տարեր էր սիրտին։

 

-- Հիմա պիտի երթանք, այն ատեն կը հասկնաս։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Վեր։

 

-- Վե՞րը ուր է։

 

-- Պալատին մեծ սրահը։

 

-- Ո՞վ կայ հոն։

 

-- Շատ, շա՜տ մարդեր։

 

-- Աղանե՞ր, փաշանե՞ր։

 

-- Աղաներ, պէյեր, փաշաներ։

 

-- Իրա՞ւ կ’ըսես։

 

Վախկոտ՝ որքան ծիծաղելի սա հարցումին դէմ Եղնիկը մնաց լուրջ։

 

-- Ինչո՞ւ կը զարմանաս այդ աստիճան։

 

-- Ան չէ ամա, հարսնի՞ք ունիք։

 

Եղնիկը քիչիկ մը մտմաց. կը վարանէր, բայց յստակ վճռականութեամբ մը՝

 

-- Ատոր պէս բան մը։

 

-- Մեղա՜յ [326], մուրս ի վրադ [327], աղջիկ։

 

Հայերէն արտասանուած այս բանաձեւը Սողոմենց կինը անկարող եղաւ հասկնալի ընծայել Եղնիկին։ Այս շփոթումը թեթեւ մը կ’աւելցնէր խօսակից աղջկան զարմանքն ու ուրախութիւնը։ Հեռուներէն թմբուկը, որ խոր տրտմութեամբ մը թունդ հանեց մօրը սիրտը։

 

-- Հո՞ս կու գայ։

 

-- Ի՞նչը։

 

-- Թմբուկը։

 

Եղնիկը յիշեց հեռաւոր պարտէզի մը հովանոցը, ուր քաղաքին մեծահարուստ տղաքը աղջիկ բերած կը խաղցնէին։ Անիկա կարմրեցաւ։

 

-- Չէ՞ որ հարսնիք կայ կ’ըսես [328] ։

 

-- Մեր հարսնիքներուն թմբուկ, զուռնա չկան։

 

-- Ի՞նչ տեսակ հարսնիք է ատիկա։

 

-- Կը տեսնես։

 

-- Ե՞ս։

 

-- Հարկաւ։

 

-- Սողո՞մը։

 

-- Ան ալ։

 

Բայց թեթեւ վարանքով, որ չվրիպեցաւ մօրը թափանցումէն։ Մէկ զգայնութենէն միւսը կ’անցնէր զարմանալի արագութեամբ։

 

-- Պիտի ուշանա՞յ։

 

-- Հիմա կու գայ։

 

-- Պոյիդ մեռնիմ, իմ պիւլպի՜ւլ տղաս։

 

-- Շա՞տ կը սիրես։

 

-- Կը հարցնե՞ն։ Աստուած ընէ խըսմէթ, այն ատեն կը հասկնաս ի՞նչ ըսել է առջինեկ։

 

Ու ցաւած ակնարկով մը չափեց անփորձ աղջիկը։ Սա մեր «աստնուորին» մէջ կա՞յ բան, որ հաւասար գայ մօր սրտին։ Նայուածքին մեղմ յանդիմանութիւնը անցաւ աղջկան, որ խանդաղատանքի շեշտով մը զայն թեթեւակի ցնցելով՝

 

-- Գիտե՞ս, մայր, այդ պէյերն ու փաշաները անոր համար հաւաքուած են։

 

-- Որո՞ւ համար։

 

-- Տղուդ։

 

-- Տղո՜ւս։ Յիսո ւ ս Քրիստոս։ Ի՞նչ կայ որ։

 

Բայց դեղներ էր մոմէն աւելի։

 

Խածաւ անիկա շրթները։ Խորտուբորտ դէմքի կտաւին ինկեր էր անարտայայտ ապշութիւն։

 

-- Ինչո՞ւ այդպէս դեղնեցար։

 

-- Ի՞նչ գիտնամ ես, աղջիկս. ի՞նչ գիտեմ ինչո՛ւ կը դեղնին մայրերը։

 

Ինքնիրեն։ Անկէ փախած էր ուրիշի մը հետ, քով ըլլալու գիտակցութիւնը։ Չէր անդրադառնար, որ կակազեր էր, բառերը կորսնցնելով։ Մազերէն՝ փշաքաղ։ Ուղիղ սառած՝ իր պաղը մինչեւ աղջիկը հասցնելու աստիճան։ Աւելի քան արգահատելի, վասնզի իր յուզումին տիրապետելու իր ճիգը արդէն սպառած անոր մարմինը կ’ընէր արմատէն փրթած բան մը։

 

Եղնիկը համակուած անոր սարսափէն, ատեն ու կարողութիւն չունէր սրտապնդող քանի մը բառ գտնելու։ Գութն ալ գիտութիւն մըն է ու աստիճանաբար ուսանելի։ Անիկա տեսեր էր անշուշտ, պալատի ընդերքներուն, սրտայոյզ դրուագները մարդերու ցաւին։ Բայց ծառաներու երամին ու մուրացիկներու բանակին հետ անիկա կ’արժեցնէր իր մեծերուն փորձառութիւնը։ Նոր էր, որ դէմ դէմի կու գար անկարող, անյատակ տառապանքին հետ, անո՛ր՝ որ փորէն չ’առներ իր վկայաթուղթը։ Թուրքերը անշուշտ անցած են պարտութեան ցաւերէն, բայց ոչ՝ անոր վախէն ու հետեւանք հոգեկան տարրալուծումէն։

 

Ոտքի ձայներ, առատ, նրբանցքին։

 

-- Կու գա՞ն կոր։

 

-- Որո՞նք։

 

-- Ի՞նչ գիտնամ։

 

Չկրցաւ շարունակել։

 

Մարդերը հասեր էին խոհանոց։

 

Պարզ՝ բայց խոր հաճութեամբ զինուորներ էին ասոնք, որոնք կ’առաջնորդէր սեւամորթ պահակը։ Անկնճիռ ու միամիտ անոնց դէմքին՝ մտերիմ ու տիրական ալ բան մը։ Բանակներու հոգեբանութիւնն է, որ զինուորը կ’ընէ այսպէս ընտանի, հաւասար, երբ առանց զէնքի կը պտտի իր մեծերուն բնակարանները։ Այդ ատեն անիկա կրնայ խօսիլ իր հրամանատարին, ինչպէս պիտի խօսէր իր հօրը։

 

Սիւլէյման տասնապետը, հասակէն թիզ մը վեր բոլորին վերեւ, գլուխը կը ճօճէր ասդին-անդին.

 

-Ո՞ւր է կեավուր ը…

 

Փնտռածը, խոհարարը, որուն կը բերէր վերնական հրաման «պետութեան զաւակները» պարտ ու պատշաճ առատութեամբ հիւրասիրելու։ Փաշաներուն խոհանոցը մինակ մուրացիկներուն եւ երգիչներուն բացուելու չէր։

 

Զինուորները, առանց հրացանի։ Անոնց սեւ տաբատներուն վրայ խղդուած էր գոյնը սուիններուն, որոնք իրենց պատեաններուն մէջ չեն արթնցներ արժանաւոր սարսափ մը։ Ուրախ, պարզ ժողովուրդ, սա մարդերը, այդ րոպէին հեռու էին «կտրողներուն» [329] պատկերէն, որով այդ ձեւերը զետեղուած էին հայ մայրերու ուղեղին, դարաւոր, այլապէս ահաւոր յօրինումով։

 

-- Հո՛ս է, - ըսաւ անոնցմէ մէկը ` դէմէն ցոյց տալով Սողոմին մայրը։

 

Խուժեցին դէպի դուռ։

 

Բայց սառած մնացին։

 

Տեսեր էին փաշային աղջիկը։

 

Խումբը դարձաւ ետ, մինչ անոնցմէ նոյն այդ մէկը, մատը զարնելով տախտակին՝ արձակեց աւանդական նախադասութիւնը՝

 

-- Մէկը չըլլա՜յ։

 

Այս բառերով միջոց կը տրուէր թրքուհիներուն, իրենք զիրենք ծածկելու լաչակով, [330] ֆէրաճէ ով այրերուն աչքէն։ Ծիծաղելի սա պահուըտո՜ւքը։

 

Եղնիկը մնաց անշարժ։

 

Զինուորները ցրուեցան խոհանոցին խորշերը։

 

Անոնց յաջորդեցին ուրիշներ, բայց փաթթոցաւոր։ Ամէն հարսնիքի, հանդէսի, պատուակալ ու անօթի երա՜մը, որ մեծ քաղաքներու մէջ կանոնաւոր կազմակերպութեամբ կը հետապնդէ հաւաքոյթները ու իր շարքերով կը ստուարացնէ տօնական պերճանքը, ժում մը փորի գնով։ Ուրիշ օրեր սեւէն կանչըցած ու ճերմկած իրենց վերարկուներուն փոխարէն, այս կարգի մեծ հանդէսներու, անոնք կը հագնէին ածուխէն աւելի սեւ ու փառաւոր պարեգօտներ, անթերի ճերմակով ալ փաթթոցը՝ պայման ու մուտքի տոմս։ Այդպէս զգեստաւոր, անոնք կ’երեւային մեռելի կամ հարսնիքի։ Սիւննէթ ը [331] անոնց բարձրագոյն տօնն էր։ Հո՞ս։ Անշո՛ւշտ։ Ու անոնց երիտասարդ կամ գորշ մօրուքը։ Որ հասակէն ու գոյնէն անկախաբար, խռուացող բան էր ըրեր անոնց արտայայտութեան կէս մասը։ Լուրջ։ Հանդիսաւոր։ Տարօրէն հաճ։ Այդ մարդերը, նայելու, ժպտելու ատեն, առանց ուզելու կը գտնէին կիսասքող այն շշունջը, որ բոլոր թուրքերունն է նամազէն ետք, մզկիթին պարպուելու ատեն։

 

Լայն, կլափի պէս լայն աչքերով անոնք ժպտեցան Եղնիկին    --սեռին մէջ թուրքը ամէնէն քիչ տարիք ունեցողն է ժողովուրդներուն--, զոր կը ճանչնային պզտիկ հասակէն։ Անոնք տարին հեղ մը աղօթքի կու գային Ֆերուզէին ծննդեան օրը ու վարժ էին սա տունին։

 

Ու դառն, ծակող յօնքերով չափեցին Սողոմին մայրը, որ ինքզինքը դրած աղջկանը անդրիին ետին, եղեր էր յանկարծակի Գեթսեմանի պարտէզին մէջ, իրենց ժամուն վարագոյրէն կախ պատկերին վրայ, Աւագ Հինգշաբթիի գիշեր, երբ հրեաները բիրով ու սուրով խուժեր էին ձիթենիի մը տակ աղօթող Աստուածորդիին վրայ։ Պատանութեան պատկերներուն ճակատագիրն է ասիկա։ Մեր հոգին կը մաշի, բայց անոր անդաստառակ կտաւին վրայ փորագրուած, հիւսուած սա նկարները կը դիմանան, տարիքին հետ աւելի պայծառացած։ Ամէն պատեհութիւն, դուք դրէք գիտական տարազը, ամէն զուգորդութիւն զանոնք կը բերէ առաջին փլանի։

 

-- Ո՞ւր է կեավուր ը…

 

Եղնիկը չպատասխանեց։

 

-- Հայտէ, գոճա-գարը ։

 

Իբր թէ տասը տարիէ ի վեր ծանօթ ըլլային։

 

Եղնիկին ափը երկու անգամ վրայէ վրայ ծեծեց օդը։ Չէր նայած ամբոխին։ Այդ նշանով անիկա կը հրամայէր սպասել, վասնզի տարուած էր ցած խօսակցութեամբ մը, երկայնահասակ չաւուշի մը հետ, որ մոլլաներու երամը ճեղքելով մօտեցեր էր իրեն։ Մարդոց ուզա՜ծը։ Հիացիկ, երջանիկ՝ անոնք զբաղած էին աչովի ափափել աղջիկը, բոլորովին մոռցած՝ բացումը կաճառին։

 

Չաւուշը, իր կարգին՝

 

-- Սպասեցէք քիչ մը։

 

Խօսակցութիւնը ի՞նչ ունէր շահեկան, որպէսզի պարտաւոր ըլլային չխորհիլ կեավուր ին, որուն ձեռքէն պիտի ընդունէին աւանդական անուշները, հանդէսէն առաջ։

 

-- Եկա՜ւ։

 

Եկողը՝ խոհարարը։

 

Գլխահակ, մռայլ, անբարեւ՝ ինչպէս միշտ։ Մոլլաները կը ճանչնային կեավուր ին սա խոզութիւնը, բողոքած ալ էին հանըմին, փաշային, բայց ապարդիւն։

 

Անիկա մօտեցաւ Սողոմին մօրը, եւ, առանց աչքերը բաժնելու անոր բիբերէն՝

 

-- Երթանք պիտի, քուրո՛ւկ։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Վեր։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Կաթդ հալալ պիտի ըսես։

 

-- Որո՞ւ։

 

-- Տղուդ։

 

-- Եկա՞ծ է։

 

-- Հիմա կու գայ։

 

Անոր դէմքին եղաւ անորակելի լքում ու խաղաղութիւն։

 

-- Հասկցա՞ր։

 

-- Ի՞նչը։

 

-- Պիտի ըսես, որ կաթդ կ’ընես հալալ։

 

-- Որո՞ւ։

 

-- Տղո՛ւդ ըսի։ Չե՞ս հասկնար։

 

-- Հասկցայ, Աւետիս։

 

Բայց չէր հասկցած, վասնզի դէմքը դուրս էր պահէն ու գաղափարէն։

 

-- Խօսք տուր, քուրո՛ւկ։

 

-- Ինչի՞ խօսք տամ։

 

-- Խօսք տուր ինծի, գլխաւորիդ հոգուն, որ ադ ժողովքին առջեւ կաթդ հալալ ըլլայ պիտի ըսես մանչուդ։

 

-- Ինչո՞ւ։

 

-- Այսպէս է օրէնքը։

 

-- Ինչի՞ն։

 

Անիկա դուրս էր ո՛չ միայն ինքնիրմէ, այլեւ՝ ոճիրէն, բանտէն, տեւողութենէն, կախաղանէն ու իր հոս ինչո՛ւ գտնուելէն։

 

Խոհարարը չկրցաւ լուսաբանել այդ «օրէնքը»։ Անոր բերանը, այդ ուղղութեամբ դժուար կը բացուէր։ Բայց ճնշումին տակն էր հանըմին, որ բախումը չէզոքացնելու ճիգին մէջ, մօրը զգացումներուն կը դիմէր, կարճելու համար պատրաստուող դժնդակ տեսարանը։ Օրէնք էր, որ տղաքը ուրանային իրենց մայրերը։ Բայց օրէնք չէր, որ մայրերը հրաժարէին իրենց զաւակներէն։

 

-- Ետքէն գէշ կու գայ։

 

-- Ի՞նչը, Աւետիս։

 

-- Ի՛նչը, ի՜նչը։ Այսքան է իմ գիտցածս, քուրո՛ւկ։ Ետքը չըսաւ չըսես։

 

Ու ցուցամատը անցուց ճակատէն։

 

Գետին ինկան քրտինքի չափ [332] կաթիլներ։

 

Խորունկ շունչ առաւ։

 

-- Կ’ընես կաթդ հալալ։

 

Ու լուրջ՝

 

-- Անկէ ետք, դուն մտածելուդ՝ թող մտմտայ Լուսաւորիչը, որ մեզ ձգեր է սա անհաւատներուն կրունկին։

 

Հակառակ հայերէն իր բառերուն, սա խօսակցութեան ընդհանուր թոնը չէր վրիպած Եղնիկէն։ Հալալը, իր կրկնումով, բանալին կու տար պարզուող տագնապին։ Աւետիսին շեշտը, կարծրութիւնը, քրտինքը նոր միջոցներ, այդ թափանցումին։ Բայց ամէնէն աղաղակողը՝ Սողոմենց հարսին խորտակուած նայուածքը։ Ա՛յնքան՝ որ լացը կանխելու համար, տակաւին այսքան հեռուէն, խոհարարը պարտաւորուեցաւ աւելցնել՝

 

-- Պիտի չլաս, քուրո՛ւկ։

 

-- Ե՞րբ։

 

-- Երբ պագնես տղուդ ճակատը։

 

Տեսարանը շինուեցաւ անոր միտքին։ Իր զաւկին թագն ու պսակը համբուրող մայրը ինչպէ՞ս պիտի կապէր աչքերուն ակերը։ Տեսնուա՞ծ բան էր սա քարսրտութիւնը։ Մահուան ու ցաւի վրայ բացուող մեր աչքերը իրաւո՞ւնքն ալ չունէին ուրախ արցունքին։ …Անոր դէմքին վրայ փեսահագուստին երանութիւնը բաւական բան փոխած ըլլալու էր, քանի որ խոհարարը հազով մը ամրացուց.

 

-- Իշտէ այդպէս։

 

-- Ինչպէ՞ս, Աւետիս, օղո՛ւլ ։

 

-- Նորէն ուր ենք նէ՝ հո՛ն ենք։

 

-- Հաստ է գլխիկս, մի նեղուիր։

 

-- Ըսի քեզի չլաս պիտի։

 

-- Ե՞րբ։

 

-- Երբ բաժնուիս մանչէդ։

 

-- Երբ բաժնուիմ մանչէ՞ս…

 

Ըսաւ։ Ու զգաց, որ իրաւ է։

 

Այս անդրադարձը կրակի պէս զարկաւ անոր ուղեղը։ Անոր մեղրամոմի գոյն այտերուն մէջ ըսես մտած ըլլար փուռի մը բոցը ամբողջ։

 

Ինքնիրեն՝

 

-- Երբ որ բաժնուիմ մանչէ՜ս։

 

Սուսիկ, մեռելը թաղելէն ետքը, անյայտ մայրեր, ձեռքեր ծեծելով իրենց ծունկերուն՝ տուն կը դառնային գերեզմանի զառիվարէն ` եղանակելով հռչակաւոր ողբը.

Հէյ գերեզմեր [333], գերեզմեր,

Պախճան ծաղիկս է թոռմեր…

Զաւկէն զատուող մայրերուն

Սիրտն է դարձեր ողջ մերմեր…

 

որով մայրերուն սիրտը կը նմանցնէին ողջ մարմարի…

 

-- Երբ որ զատուիմ մանչուկէ՜ս…

 

Ձայնի տեղ ջուր էր ելած անոր բերանէն։

 

-- Ըսի քեզի պիտի չլաս։

 

-- Իմ ձե՞ռքս է ատիկա։

 

Խիստ ու յանդիմանող՝

 

-- Քու ձեռքդ է, քուրո՛ւկ։

 

Խոհարարը կ’ըսէր, բայց հզօր ճիգով մըն ալ կը ճմռէր քիթը` իր լացը պարտկելու, տարտղնելու։ Անիկա կու լար արդէն իր ներսէն։ Զգաց սակայն անտեղութիւնը սա թուլացումին։ Ուժ գտնելու համար՝ աչքերը ժուռ ածեց ամբոխին ու լուրջ, կոտրած, բայց հաւատաւոր աւելցուց.

 

-- Աստուծմէ էւել մի գիտնար։

 

-- Տէր Ամենակալ Աստուած Աբրահամու։

 

Ամչցա՞ւ, որպէսզի լռէր յանկարծահաս դառնութեամբ։

 

Յետոյ՝ քիթը սեղմելով՝

 

-- Հէ՜յ Կապուտուոր, դուն հասիր ինծի։

 

Տարաւ ափը աչքերուն, բայց չսրբեց, յարգած ըլլալու համար խոհարարին արգելքը, այդքան կանուխէն։ Ծանրցեր էին կոպերը, հալած երկաթի պէս։ Ու լոյսը, շաղին խաւէն անցած ատենը արիւնը կը թուէր անոր բիբերուն։

 

Փախչելու համար այդ նայուածքին սպաննող թախիծէն՝ խոհարարը աչքը դարձուց խուժանին։ Թուրքեր էին։ Այսինքն՝ մորթուած գառնուկը յօշոտելու պատրաստ գազաններ։ Այս հաստատումը զինքը ըրաւ այլուրային ու շուար։ Նո՞ր կը տեսնէր սա մարդերը։ Տեղը նեղ զգաց անիկա։ Գլխով նշան ըրաւ Եղնիկին, որ իր ձեռքը շարժեց, ուղղութիւն ցոյց տալով։

 

Մոլլաները քալեցին։

 

Անոնց ետեւէն՝ խոհարարը։

 

Անոր ետեւէն՝ կրունկները հարուածելով Աւետիսին, Սողոմենց կինը։

 

Որուն քովիկէն՝ Եղնիկը։

 

Տասը քայլ բացութիւն մը կը բաժնէր առաջին խումբը երկրորդէն։

 

 

*  *  *

 

Կանանոցէն դուրս։

 

Լայն անցք մը։

 

Որ հատաւ կլոր, ընդարձակ սրահի մը մէջ։ Գմբէթի կորացումով առաստաղը անոր կու տար մզկիթի նկարագիր։ Պայրամներու ու տօնական ուրիշ առիթներու, բարեկամներուն, բարերարեալներուն, սպասորեարին շքախումբովը բոլորուած՝ քոմանտան փաշան այդ սրահին մէջ կը դառնար իր պապերուն հոգիին։

 

Ծառաներ, սեւ, ճերմակ, մեծ, պզտիկ։ Իւրաքանչիւրը կանխորոշ դռնափեղկին, սիւնին, սեղանին ամրօրէն հաստատուած, ուրախ ու երկիւղած յարգանքի մէջ արձանացած, թափօրին անցքը ընծայելու համար աւելի տպաւորիչ։ Անոնք իրենց ուսերուն կը կրէին սփածանելի։ Շատերուն ձեռքին ափսէներ։ Ուրիշներ, զոյգ-զոյգ, կոչելով ականաւորներու ականաւորները [334] ։ Ուրիշներ կրելով մտրակը, սուրը, գաւազանը աս ու ան աստիճանաւորին։

 

Ձեղունէն կախ բոլոր ջահերը «լուցավառ», գործածելու համար Տօնացոյց ի բացատրութիւն մը, բազմերանգ խաղեր, պրիսմակներէն, որոնք «ձիւնասպիտակ» այդ զառիթափերուն կը բուսնէին ու կը մարէին, գեղեցիկ հրախաղութիւն մը ցուցադրելով։ Մեծութիւնը տպաւորիչ էր կամարին։ Ու շռայլ առատութիւնը լոյսին։ Բայց հակառակ սա ճոխութեան լոյսէ, ծաղկամաններէ, աշտանակներէ [335], պերճանքի բազմազգի առարկաներէ, տեսակ մը սիրտ սեղմող մթութիւն կը թուէր բաբախել [336] սա լուռ լուսաւորութեան մէջ, պատերը զարդարող սուրերէն ու թրաձեւ գիրերէն բխող։ Թուրք ներքնատունը, ըսել կ’ուզեմ՝ անոր ոճը թերեւս անճիշդ է գտնել յաւակնիլ սա սրահին մէջ, քանի որ կէս դարէ ասդին աւագանին, հետեւելով Պոլիսին, շատ բան էր առած այդ կամարներուն ներքեւ, արհամարհուած Եւրոպայէն։ Քանի որ գերմանական պայծառ ու պարզապաշտ հիւրանոցներէն ետքը, ուր անցած էին անոր ամէնէն կերպընկալ տարիները, քոմանտան փաշան ալ բաւական մը բան պարպած [337] էր սպառազէն այդ զարդեղէնէն, որով ընդելոյզ էին հին փաշաներու ընդունակութեան սրահները, մորթ ու երկաթ։ Անշուշտ, Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրերահաշտ ընծայող գերման հոգեբանութիւնը, երաժշտութիւնը, զօրապաշտութիւնը դեր մը ունէին, պատերէն քիչցնելու թրագիր զարդերը, որոնք Գուրան ին այս կամ այն այաթ ը կը գունախաղեն, բեհեզին ծփանքներէն ու կը սպառնան ապակեայ իրենց բանտէն դուրս խոյանալ բարբարոս ու վիրաւորիչ, որովհետեւ սուր։

 

Լոյս, բայց «եօթնարփեան» առատութեամբ։

 

Գերման ու թուրք ոճերուն սա «լուսացնցուղ» եղբայրացումէն բոլորովին անկախ, Սողոմին խեղճ ու պատառ մաման ո՞ր մղձաւանջին թաթովը ինքզինք գտաւ նետուած ժամը իրենց գեղին, էրկանը թաղման հանդիսաւոր պատարագին, երբ եկեղեցիին բոլոր լոյսերը (անջատ կանթեղները, ջահերը, աշտանակները, տիրացուներէ վերցուած մեծղի ու բարձրահասակ մոմերը, ու ժողովուրդին բաշխուելիք թիզնոց, երիզորդ ճճիները) վարձեր էր անիկա, «Ի վերին Երուսաղէմ» ին համար, գեղին է՛ն հարուստներուն հաւասար լոյս ուզելով եւ ընելով էրկանը արդար հանգիստին։ Այդ լոյսի մեծ հրդեհը անջինջ արշալոյս էր անոր գիշերին վրայ ու ապահովութիւն մը։ Կար ժամանակ, երբ մեռնիլը հիմակուան պէս անսփոփ տրտմութիւն, գորշ ողբերգութիւն կամ ժառանգէն մագնիսահար խուլ սպասում մը, ցանկայարոյց աղտոտութիւն [338] մը չէր, այլ՝ անկնճիռ խաղաղութիւն, հանգի՜ստ՝ Տիրոջը լոյսին մէջ մտնելու բացարձակ վստահութիւն, ինչպէս կը պոռային վիմաբարբառ գեղերու գերեզմանները, պատմելով երկու տողի մէջ ուղն ու ծուծը աշխարհին, ու հանելով դասը մեր կեանքին, որ պիտի շիջի՝ ինչպէս կայծը, պիտի սմքի՝ ինչպէս խոտին շիւղը, բայց պիտի վերափթթի՝ «անմար ու անթարշամ ի ծոցն յաւիտենից»։ Երանելի օրե՜ր, երբ գերեզմանը սարսափ մը չէր, այլ՝ սրբութիւն, ծարաւ, կարօտ, դո՛ւռը՝ «անվախճան կենաց»։ …Սողոմին մօրը աչքին՝ դագաղին երկարած դէմքը «գլխաւորին», խնկագոյն, լոյսէն պարզուած ու անհունօրէն բարի։

 

Արթնցաւ սակայն տեսիլքէն, վասնզի՝

 

Կը մտնէին «աղաներ, պէյեր, փաշաներ»։

 

Մեծ մասը ոսկի զգեստներով, կուրծքի տեղ մետաքս ու մետայ ։ Անոնց տաբատները երեք մատ լայնքով արիւնագոյն [339] երիզներ կը զարդարէին զիստերն ի վար։ Համազգեստը, զինուորականը, քիչ ժողովուրդ կը վայլեցնէ այս հարազատութեամբ։ Թուրքին իմացականութիւնը հոդ կը թանձրանայ։

 

Ուրիշներ, բայց տարբեր զգեստաւորումով։

 

Անոնք կը թուէին կեցուցած ըլլալ իրենց մարմինները սեւ պարկերու մէջ, առանց ոտքի ու ձեռքի, քանի որ քղանցքը կը ծածկէր անոնց կօշիկները, բոլորն ալ լապճին [340], հսկայական թեզանները կը հալեցնէին անոնց ձեռքերը, կողերու երկայնքին։ Փաթթոցներ՝ գոյն-գոյն։ Դեղինը՝ ճերմակով խառնուած։ Ճերմակը, բայց մա՛նաւանդ կանանչը, մողէսի կռնակի երանգէն։ Այդ կանանչը կը ցոլար դէմքերուն ալ տժգունութեան, ասոնց վրայ շաղալով խուլ դաժանութիւն։ Էջեր չեն բաւեր` տալու համար զգաստ անասնութիւնը այդ դէմքերուն, ուր մօրուքը աշխ, ու նայուածքը աւազ [341] ունէր այդ օրերուն։

 

Ի զուր անոր աչքերը փնտռեցին Եղնիկը։ Անիկա չկրցաւ տեսնել նաեւ անոր մայրը։ Այրերէ կազմուած սա հաւաքոյթին կը պակսէր կինը, հակառակ անոր, որ սաւանով ձեւեր ալ խառնուած էին այդ ոսկեհուռ խուժանին։ Պառաւներուն կորաքամակները, ջնջուած զգեստները կը խղդուէին շրջապատի մեծ ոճէ արդուզարդին մէջ։ Կ’անջատուէին, իրենց մաշած, բայց յաւակնոտ արտաքինով, ոստիկանները, որոնց դէմքին լուրջ, կարծր, սափրուած լրբութիւնը Սողոմենց մօրը ծուծին թափանցեց։ Այդ մարդոց պատկերին հետ ով գիտէ ի՜նչ դարաւոր սարսափ սատափուած է մեր կիներու ուղեղին։ …Ու սեւամորթ պառաւներ, որոնց գլուխներէն բաց էր թողուած մազ ու մաս մըն ալ կաշի, ճմուռ-ճմուռ, գիծ-գիծ, այտերուն տեղը խոց ու խեփոր, քիթին տակովն ալ ճերմկած պեխ։ Հեքիաթին գոռելնե՜րը։ Սողոմենց կինը կ’անգիտանար ուժը սա աստուածահաճոյ տեսարանին, որուն վայելումին համար այդ տարիքին կոտրտուած մէջքերը՝ սանկ ու նանկ իրենց ոսկորները մէկտեղած՝ վազեր էին հիացմամբ սա յաղթանակին։

 

Ու, առատ, յաղթական սա թրքութիւնը հաւասար յուզումով բաբախումի կը հանէր Ֆաուսթ ծափահարած փաշաները, ինչպէս երեք քառորդ դար, նամազէն զատ աշխարհէն ուրիշ վայելք չճանչցած սա պառաւութիւնները։

 

Հարկ կա՞յ վերլուծելու խորագոյն այն հեշտանքը, որ թելադրիչն էր սա հանդիսութեան, առաւելապէս քոմանտան փաշային վայելքին համար։ Հակառակ կնոջը թախանձող ընդդիմութեան՝ անիկա սարքած էր այս «հարսնիքը», որ թլփատութեան մեծադղորդ խրախճանքներուն նախահամը կը վերադարձնէր ամբոխին երեւակայութեան։ Այդ տիտղոսաւոր փաշաներն ու պէյերը ամէնքն ալ անցած էին թլփատողին ածելիէն։ Ու նստեր ոսկեդրուագ թամբով երիվարներու քամակին, պտտցնելով խուռներամ փողոցներէն իրենց սրբազան վէրքը, մինչ իրենց ֆէսերուն ծոպէն հարսնեւորի թելեր կը թափթփէին իրենց փոքրիկ մարմիններուն…։ Թլփատութեան հարսնիքները տղոց երեւակայութիւնը զարնող առաջին պատկերն են, երբ հարուստի մը մանչուն քովերէն յիսունով, հարիւրով ուրիշներ, այս անգամ աղքատիկ, կ’արժանանան սուրբ նահատակութեան։ Թուրքերը դժուար կը զատուին արիւն հոտող արարմունքներէ։

 

Քոմանտան փաշային քովէն, ուրիշ մը, անշուշտ ան ալ փաշա։ Որուն փորը ունէր աւելի համեստ տրամագիծ, քանի որ քամակի կամարին հակառակ հաշտ իր իրանին՝ չէր հեւար։ Ու ասիկա մեծ առաւելութի՜ւն։ Կուսակալը։

 

Իրենց գահոյքները իրարու մեծարելէն։

 

Գորգապատ, բարձրադիր այդ աթոռները մանրանկար գահե՛ր։ Երրորդը յատկացուած դենպետին։

 

Հաւանաբար յոգնած սա սողոսկուն ու անվախճան թեւամարզանքէն՝ երեք աւագները բարեհաճեցան իրենց ոսկեզօծ բեռները զետեղել այդ գահոյքներուն խորը։ Ատեն էր, վասնզի քոմանտան փաշային շնչառութիւնը շչուն կը դառնար, ու հազը՝ մօտ։ Երկու վայրկեան հանգիստէ յետոյ միայն անիկա ձայն գտաւ՝ շուրջինները նստելու հրաւիրելու։

 

-- Հրամեցէք, պէյեր, էֆէնտիներ…

 

Այն ատեն անոնց քովերն ի վեր աթոռներու յարգալիր, թեթեւ աղմուկը երկարեց[աւ] ու լռելէ առաջ բոլորովին, խղդուեցաւ փողի մը առանձնակի զարկին մէջ։ Մութին մէջէն միակտուր այդ որոտը տպաւորիչ էր խորապէս, վասնզի դէմքերը լարուեցան րոպէաբար։ Հրամա՞ն մը, թէ հաղորդում մը։ Թուրքերը կը հասկնան փողերուն լեզուն։ Մինչ այդ բազմութեան ստուար մասը տեղաւորուած էր։ Ոտքի, քիչիկ մը տարեց դիւանադպիրները, կամարուկ կռնակով, հանգստեան կանչուած, որոնք կերակուրին ու անուշին համին հետ կտոր մըն ալ կրօնական զմայլում կը հաշուէին քաղելիք սա գիշերէն։

 

Ու խորունկ լրջութիւն։

 

Ու խորունկ լռութիւն։

 

Հիմա, այս տողերը կարդացողները թերեւս շատ գտնեն սա մթնոլորտը, տաճկըցող հայու մը առիթով։ Բայց անոնք դառնալու են ետ, [342] Թուրքին այդ հոգեբանութեան։ Թուրքերը, կրօնական գետնի վրայ, քաղաքական հաշիւ գտնելէ առաջ, գոհացում կը գտնէին աւելի ուշ, խոր, միամիտ բնազդներու [343] ։ Խղճմտանքին գերութիւնը սկիզբն է իմաստութեան ո՛չ միայն Տոստոեւսկիի գործին, այլ մա՛նաւանդ միջին ու վեր դասակարգին մէջ։ Անոնց խալիֆան լրումն էր այս տիեզերքին։ Պարտաւոր էր ականջ տալ ծերուկ աղօթողի մը բերնին ու պատգամին.

 

Մի գոռգոռար թագաւո՛ր, քեզմէ բարձր Աստուած կայ… փակաչք արտասանուած, ու լսելի սէլամլըգ ի արարողութեան բոլոր հանդիսատեսներէն։ Ասիկա ցուցամոլ ստրկութիւն մը չէ։ Կրօնքը, արիւնը, սերմը, սպանդը միատարր փլազմա ն կը կազմեն անոնց հոգիին։ Տարէք այս հաստատումը իր բնական հետեւանքներուն։ Տաճկընալը մաս առնելն է այդ հոգիէն։ Ու դուք գիտէք, թէ ամէն տաճկըցողի առջեւ բաց էին փառքին եւ իշխանութեան բոլոր պողոտաները։ Միայն վա՜յ՝ դիւրաբեկ սրունքներուն։

 

Կրօնական արարողութեանց ատեն ճարուած սա երկիւղածութիւնը հանգիտօրէն կը տարածուի աշխարհիկ ալ հանդիսութեանց։ Մեծ մզկիթներու մեծ սպասարկուներէն կազմուած սա կաճառին մէջ, քիչիկ մը ծիծաղելի, տակաւին, համեստութիւնը ուրիշներու, քարտուղարիկներ, հակառակ իրենց տարիքներուն բարձրացման չարժանացած, միւէզզին ներ, մզկիթ չունեցող, որոնք քաղցր իրենց ձայները կու տային վարէն, քաղաքին աղքատիկ մինարէներուն, փոր մը հացի գնով. տասնապետներ, ճերմկած պեխերով, շատոնց հեռացած գործօն ծառայութենէն, բայց չփախցնող ոչ մէկ հանդիսանք փաշաներու պալատներէն։ Բոլորն ալ հաւաքուած՝ ձեւէ ու շարժումէ արձանացող պատկառանքի մէջ։ Ու բոլորին ալ դէմքին սպասման անհանդարտ բաբախումը։

 

-- Կու գայ կոր…

 

-- Կու գայ կոր…

 

Իրարու։ Շշունջ։ Գլուխներու միահամուռ ծփանքը։ Հազիւ հունչը աթոռներուն։

 

Չորս զինուորներու մէջէն՝ Սողոմենց Սողոմը։

 

Լոյսին առատութի՞ւնն էր պատճառ, որպէսզի, հեռուէն իսկ, մտնողին [344] խոր դալկութիւնը դառնար այնքան ուշագրաւ։ Գեղեցկութիւնը կիներու վրայ դադարի պայմաններով կը տպաւորէ։ Արուին վրայ անիկա շարժումը կ’օգտագործէ։

 

Համաչափ, նրբացած անոր մարմինը ստացած կը թուէր տեսակ մը տրտում շնորհ։ Առանց ոճիրի ամպհովանիին այդ երիտասարդը թաքուն ձգողութիւն մը ունէր արդէն, լրջութեանը՝ որքան անբացատրելի հովի մը նպաստովը։ Մարդիկ իրենց մագնիսականութիւնը իրենց հետ կը բերեն, ինչպէս իրենց գոյնը։

 

-- Մաշալլա՜հ… մաշալլա՜հ…

 

Կիսահագագ այս բացագանչութի՜ւնը։

 

-- Թի՛ւ, թի՛ւ, թի՛ւ…

 

Ըսին պառաւները, թուքի թեթեւ շարժում մը ուրուագրելով իրենց ձախ կողմին, չար աչքէ պահպանելու համար վայելչակազմ երիտասարդը։

 

Գլխահակ, անձկոտ, նայիլ վախնալով՝ տղան կ’առաջանար, հանդարտ քալելու սքողուն ճիգի մը մէջ, որ աւելցած էր անոր դէմքին իբր թախիծ ու դալկութիւն։

 

-- Մաշալլա՜հ…

 

-- Սողո՜մ…

 

Սուր, արի, անակնկալ՝ որքան սրտակեղեք։

 

Մարդիկ նո՞ր տեսան ջնջուած այդ ձեւը, որ մէկէն նետուեցաւ փլան ի, թեւատարած, ոտքերը վեր գետինէն, տղուն թռելու տագնապէն թօթուելով ափերը ու պոռալով խելայեղ, սուր ու սրտակեղեք.

 

-- Սողո՜մ…

 

Երկու բազուկներ զինքը բռնեցին։

 

-- Ո՞ւր։

 

Սիւլէյման տասնապետն էր, յունօ-թրքական վերջին պատերազմը (1897) ներկայացնող վիմատիպ պատկերէ մը վերցուած աչքերով։ Որ, հոս, առանց դանակի, պարզ նայուածքին ահովը բաւ էր արիւնը սառեցնելով անոր երակներուն։ Թուրքը վայրենի այդ ահը ցեղային գոլի մը պէս կը պտտցնէ իրեն հետ ամէն րոպէ: Եւրոպացիները այդ գոլին զգայութիւնը չունին ա՛լ՝ ռուսական գլանին յայտնութենէն ետքը։

 

-- Սողո՜մ, Սողո՜մ, տղա՛ս։

 

Մատ մը մնացած այդ մարմինէն, ճիչի սա ուժգնութի՜ւնը, որ չափազանց անախորժ, գրեթէ պատռտող բան մը անցուց բոլորին ալ ջիղերէն։ Այդ խլխլեակը ուրկէ՜ կը ճարէր զօրութիւնը, թօթուելու չափ զինքը կաշկանդող ձեռքերը։

 

Բայց աւելի անակնկալը տղուն դադարը՝ յանկարծակի։ Ըսես քար կտրէր [345] ։ Մնաց անշարժ, ոտք փոխելու անկարող։ Նոյն ատեն ամէնքը դիտեցին անհուն դալկութիւնը ճակտէն ու երեսներէն։ Զինքը առաջնորդող խումբին տասնապետը հրամայեց.

 

-- Քալէ՛։

 

Տղան, ոտքերէն, փակեր էր գետինին։

 

-- Քալէ՛։

 

Որո՞ւ կ’ըսէր այդ անոպայ կենդանին, որ երկու տարեկանին կորսնցուցած իր [346] մայրը, ու մեծցած հօրը միւս կիներուն    --թիւով տասներկու, յաջորդաբար--  խուլ ատելութեան մէջ, կ’անգիտանար զգացումը մայր մը տղուն կապող։ Անիկա, իր տառապանքներուն իբր կտակ, կ’ատէր բոլոր մայրերը, բայց դնելով այդ զգացումին մէջ բացառիկ ալ երես մը, վրէժ լուծելու ինքնատիպ եղանակ, հետապնդելով, երբ արձակուրդով գեղ դառնար քաղաքէն, հօրը վերջին կինը, քսանամենի, անուշիկ ու տրտում պարման, բաւական ալ մօրէն ազգական, դրամի ճամբով ու մեղքի ճամբով քշուած դէպի կիսադարեան սա անկողինը ունեւոր ու յայրատ հաճիին։

 

-- Սողո՜մ, Սողո՜մ…

 

Հետզհետէ աւելի ուժգին, ինքզինքը պատռտելով, ինչպէս կ’ընէր ատիկա իր գեղը, իր կռիւներուն ատենը, փրփրած, յաղթական, անդիմադրելի։ Անոր ձայնը խոշոր խռովք մը ստեղծեց բոլոր աթոռներէն։ Մէկը պոռաց.

 

-- Դո՛ւրս հանեցէք։

 

Բուսաւ խոհարարը։

 

Շրթները խածած, զսպելու համար արցունքը, առանց նայելու տասնապետին երեսին, քակեց անոր ձեռքերը կնոջ դաստակներէն։ Կ’ընէր տիրաբար։ Ճակտին գիծերը անդադար աւրելով, շինելով ու լսելով։

 

-- Հաւատի՛ս, կտրէ ձայնը, - քոմանտան փաշային խղդուկ կոկորդէն։

 

Ամբոխը, շշունջով, չկրնալով ինքզինքը տեղաւորել իր զգացումներուն տեսակին մէջ, տղէն մօրը, մօրմէն տղան աչք փոխելով, անորակելի ջղայնութեան մը մէջ։

 

-- Քաշէ՛ ձայնդ, կ’ըսեմ քեզի։

 

Հայուն ներկայութիւնը ազդե՞ց բաւարար չափով, որպէսզի Սողոմենց կինը անուշնար մէկէն։

 

-- Մի պոռար, քուրո՛ւկ։

 

-- Թուրքերէ՛ն, թուրքերէ՜ն, - միջամտեց հանրածանօթ միւսթանթիգ էֆէնտին, որ նոյնիսկ դատարանէն դուրս մարդն էր իր պարտականութեան ու կը հսկէր օրէնքին։

 

-- Հայերէն չե՛նք ուզեր, - մռլտացին քարտուղարիկներն ու մոլլաները, սպառնագին ուռենալով իրենց սմքած անձերուն մէջէն։

 

-- Չե՛նք ուզեր, չե՛նք ուզեր։

 

-- Գա՛հր օլսուն [347]

 

Գրեթէ բոլոր բերաններէն։

 

Ե ՞րբ ատեն կը գտնեն բառերը, այսքան սուղ րոպէներու մէջ այսքան հոծ ատելութիւն, թոյն ամբարելու։

 

Հայհոյանք, սպառնալիք, բացագանչութիւն։ Աչքերը դուրս՝ պոռթկալու չափ իրենց խեփորներէն։

 

Քոմանտան փաշային թեւացի պարզ շարժումը բաւ եղաւ սակայն՝ կասեցնելու այս տարերային պոռթկումը։

 

-- Ձգեցէք խոհարարին։

 

Խոհարարը, հեռու, ու վեր՝ այդ ծփանուտ յուզումէն, իբր թէ չըլլար նշմարած կաթիլ մը իսկ բան.

 

-- Չպոռաս, քուրո՛ւկ, ամօթ է։

 

-- Սողո՜մս։

 

Բայց մեղմ, կոտրած։

 

-- Վրանիս չխնդացնես, քուրո՛ւկս, չըլլայ որ լաս…

 

-- Սողո՜մս…

 

Շուարա՜ծ, գրեթէ ապուշ, բայց բոլորովին ցած։

 

Չգիտնալով՝ ուր, որու նայիլ ու ինչ ըսել։ Նման մանուկին, որուն թուշերը կ’ուռին, մտապատկերին ձգողութեամբը, արցունքէն առաջ։

 

-- Չլաս պիտի, խօսք տուիր։

 

-- Տղա՜ս։

 

Ջուրը կաթիլներու պէս ինկող։

 

-- Անհաւատները մի խնդացներ, քուրո՛ւկս, ազիզ մեռելիդ հոգուն։

 

-- Տղա՜ս։

 

Բայց սեղմած՝ ակռաները, ճիշդ ինչպէս ըրեր էր էրիկը դագաղ դնելէ ետքը, պլլուելով իր մանչուն վիզին…։ Ան հետզհետէ իջաւ ձայնէն, ա՛յնքան՝ որ շրթներէն դուրս մղուածը հազիւ շունչ էր, քան թէ յօդաւոր, իմաստով հնչում։ Բաց էին սակայն թեւերը, լրիւ, ինք կը կարծէր անսահման՝ առնելու համար անոնց մէջ հասակը մանչուն, որ, քակուած ոտքերուն սառոյցէն՝ կը մօտենար մեղմ, մինչ բոլոր գլուխները երկնցեր էին անոր ետեւէն։

 

Դէպի գահո՜յքը։ Հարկա՛ւ։

 

Մայրն ալ, խոհարարէն ղեկավար։

 

Մեծ ջահին ճերմկած պայծառութեան տակ թուրք աւագանին տեսաւ վերջապէս աղբերային քրտինքը, որ կը պտղէր տղուն ճակատէն, կը սուզուէր երեսներուն, հատիկ-հատիկ կաթելու համար դունչէն։ Սողոմը չըրաւ շարժում մը այդ ջուրը սրբելու։ Դեղին, շատ դեղին այդ մորթին վրայ սա կաթիլները ինչո՞ւ արգահատանք չէին շարժեր ամբոխին մէջ։

 

Սեւ տղեկ մը, տարօրէն ճերմակ աչքերով, երկու գաւաթ ջուր ափսէի մը, չէր գիտեր որո՜ւ երկարել։

 

-- Ո՞վ է ղրկողը։

 

Հարցուց սուճիզատէ Սագի պէյը, իր մօտ նստողին, բայց բաւական բարձր, որպէսզի խնդային շուրջինները։ Հանրահռչա՜կ մարդը։ Տարիքէն կոխուած, զոյգ հաճիով ճեննէթ էն իր պալատիկը ապահոված, դեռ կը մնար հաւատարիմ իր հզօրագոյն զգացումին։ Ամբողջ 60 տարի անիկա մեծագարութիւնն ունէր բարիքին, խայր ին, բայց ջուրի ձեւով։ Բոլոր մզկիթներուն աղբիւրները, իրենց պաշտօնական սպասէն դուրս, անվրէպ հոգածութիւնը կը վայելէին մեծ բարեպաշտին, որ անձնական ծախքովը կը նորոգէր հետզհետէ յաճախակի տարտղնուած խեցի խողովակները աղբիւրներուն, Արեւելքի մէջ կրօնական կառոյցներ, աղօթողին համար անհրաժեշտ, լուացումին պայմանէն եւ որոնց փողրակին շղթայուած ամանները   --թասեր--     տարուէ տարի կը կլայէր` թռցուածներուն տեղ նորեր դնելով [348] ։ Ո՞ր մեղքին թողութիւնը կը հետապնդուէր աս անխոնջ բարերարումով։ Հարցուցէք ու անցէք։

 

Սեւ տղեկը քանի մը հեղ դարձաւ իր կրունկներուն վրայ, սպասեց մօտեցողի մը։ Ոչ ոք՝ որ զբաղէր իրմով։ Շատ պզտիկ անոր տարիքը վախին մէջն էր կոտրտող գաւաթներուն, որոնք կարծես կը հասկնային որբերուն անպաշտպան կռնակը, թաթիկները ու յիմար էին ցատկելու ափսէներէն դուրս, գլորելու համար գետին։ Անզգոյշ այդ տղաքը որքա՜ն անխնայ կերած են ծեծը։ …Անիկա շունչը բռնած՝ կռնակը ամրօրէն տեղաւորեց պատին։ Ջուրը գաւաթներէն իջած էր կէսին, այնքան դող կար անոր դաստակներուն։ Ու զանգուածը խուլ լռութեամբ կը հետեւէր մօտեցող տեսարանին։

 

Ու մայրն ու տղան եղան դէմ դէմի։

 

Չինկաւ անիկա մօրը բազուկներուն, ինչպէս կը սպասէր ատոր Սողոմենց կինը, գիտնալով պատճառը իր յոյսին։ Այլ կեցաւ դէմը, մէկ անգամ միայն նայելով անոր աչքերուն։ Անբացատրելի դառնութեամբ անիկա փախցուցեր էր նայուածքը։ Վա՞խ։ Խի՞պ։ Աւելի խոր ու անգիտակից ուրիշ վրդովո՞ւմ մը։ Պիտի չգիտնանք ճիշդ տարազել բաներ, որոնք այսքան բացառիկ պահերու կը գծուին մեր միտքի հորիզոններուն ու կը մարին փայլակի նման, մէկ-երկու ծուփով։ Ու անոնց հետախաղաղ կորուստէն տարիներ ետքն ալ հարցնենք պիտի մենք մեզի, թէ ինչպէս, օրինակի մը համար, մեր ձեռքերը քաշեցինք մեզի, ձեռքերէն անո՜ր, որ կը զատուէր մեզմէ, անվերադարձ, ու պիտի զարմանանք։

 

Ինքն ալ չինկաւ անոր բազուկներուն, ինչպէս շինուեր էր մտապատկերը սա հանդիպումին, երբ խոհարարին սենեակը, փաշային կնոջմէն կը ջանար հասկնալ իրական իմաստը իրմէ ուզուածին։ Բայց անծանօթ սպասում մը վերցուած կը պահէր անոնց բազուկները։ Չուզեց հաւատալ աչքերուն, որոնք անոր հասակը կ’ընէին երկարած, բարակցած, բայց կուրծքէն ալ կը հանէին խրոխտ առնութիւն ու հասունութիւն։ Ուշագրաւ էր սակայն տղուն դէմքին վրայ լուրջ տրտմութիւնը, դալուկով օծուած։

 

Այս շուարումը ընդհատուեցաւ հսկայ աղմուկէ մը։ Պալատը ներսէն ու դուրսէն դղրդեր էր։

 

Որքան առատ սա փողերը, որպէսզի մէկէն անոնց հեղուկովը լեցուն դառնային սրահը, հեռուի պարտէզները։ Գալարուտ, սուր, լայն, չար կամ թաւ, այդ օդային հեղեղը բան մը կը պատմէ՞ր երկինքներուն, որպէսզի աթոռները սառէին ու միջոցը անձկանար, տաճկընար, անբացատրելի յոյզի մը ընդմէջէն։ Սողոմին մայրը զգաց ատիկա։ Ու զգաց տղուն ալ հաշւոյն, որուն տեսիլքը   --կ’ըլլայ ասիկա այլայլումի մեր զգայութիւններուն, որով մեր դէմի պատկերները ձեւն ու գոյնը կ’առնեն մեր խորագոյն ըղձանքներուն--   յանկարծական հրաշքով մը փոխադրուած կարծեց իրենց տունը, Կիրակի իրիկուն, փեսահագուստի արարողութեան մը մէջ, երբ շարը տղուն ճիտին կապելէ ետքը, կը ծռէր անոր պսակուած, թագաւոր ճակատը համբուրելու…։ Այսպէս են երազեր մայրերը, իրենց մանչերը օրրանին մէջ օրրած օրերէն…

 

Որքա՞ն տեւեց ձայներու այս կարկուտը. ինք կը զատէր ահարկու թմբուկը, ինչպէս հարսնիքներուն կ’ըլլար ատիկա անոր ականջներէն դէպի խորերը հոգիին։

 

Երբ դարձաւ ինքը ետին, առջին գտաւ հսկայական ձեւ մը։

 

Շէյխ Սապիթը։

 

Հանդարտ, վեհափառ, տժգոյն, կէս կանանչ, համրիչը հատ-հատ քաշելէն։

 

Կիսահակ   --մէջքի մնայուն խոցտուկի մը նուէր--    սա կեցուածքը կը վայլէր [349] հսկային դէմքին թրքութեանը [350], քիչ մը աւելի մօտեցնելով, բանալով։ Ազատ ձեռքը փորին վրայ կը հաւաքէր ծալքերը կանանչ իր վերարկուին։

 

Ծանր, միշտ վեհափառ, կանանչ ու դեղին, Սողոմէն աւելի։

 

Ու, թթո՜ւ։ Ժողովուրդը կ’ըսէ՝ քացախ։ Ու տարտամ է բառը՝ տալու համար մասեր այդ դէմքերուն։

 

Շրթները, ով գիտէ ո՛ր նուիրական այաթ ը աղալու գործով, կը թուէին ճերմկիլ ու սմքիլ։ Տեսակ մը ուռեցուորո՛ւմ, կոպերէն ու մօրուքէ զերծ միսերէն՝ այդ թթու արտայայտութիւնը կ’ընէր տարօրէն անգութ։ Անոր ալ ճակտի գիծերուն բարակ ջուր։ Տղուն կուշտին, լման գլուխ մը վեր էր անոր հասակը երիտասարդէն։

 

Ու շրջելով ճերմակը իր աչքերուն աջ ու ձախ, ահարկու մարդուն [351] բարձր ձայնը, որուն մէջ դող ու յոգնութիւն իրար կու գային, արտասանեց քարոզի շեշտով՝

 

-- Օղլո՜ւմ, Սիւլէյման…

 

Կարիճէ խայթուող մը ուրիշ կերպ ոստում մ ը չընէր պիտի, ինչպէս ըրաւ Սողոմը այդ ձայնին մահակին ներքեւ։ Ե՞րբ էր հասեր իր գլխուն։ Ինչո՞ւ չէր տեսեր [352] ։ Անոնց նայուածքները իրարու հանդիպեցան։ Ու, առանց որ մէկը բանար վարագոյրը մօտիկ անցեալին, տեսան երկուքն ալ եղերական գիշերը, որուն մէջ սա մարդուն մատերէն երկու երիտասարդ մահ էին գտեր։

 

Ակնթարթի մէջ, Սողոմէն փախաւ կտոր մը արիւնն ալ։ Ու անոր գոյնը մօտիկ էր պատանքին։

 

-- Քեզի կ’ըսեմ, Սիւլէյման, օղլո՛ւմ…

 

Թո՜ւրքը, սա օղլում ին մէջ, բայց տիրական ու կատարեալ. թերեւս անկեղծ ալ։ Այդ ժողովուրդը հայրերը մորթելէ ետքը այդ կոչականով կը ժողվէր անոնց տղաքը փողոցներէն։

 

Սողոմը չկրցաւ նայիլ, սարսուռէն։ Ու կը տառապէր, այդ դողը արգիլել չկրնալուն։

 

-- Սելավաթ [353] կ’ուզենք։

 

Թշուառական մոլլաներէն սա պահա՜նջքը, որ յաղթեց հանդէսին ու լռութիւն հարկադրեց շէյխերուն շէյխին։

 

-- Կատարուած է։

 

Միջամտեց հարցաքննիչ դատաւորը։

 

Ու ամբոխը շունչ առաւ։

 

-- Ահա մայրդ, Սիւլէյման, օղլո՛ւմ…

 

Ու սարսռագին լռութեան մէջ ատոր մեծ մատը սեւեռեց ապշահար կինը, որ լեզուէն կապ, բայց շրթներէն թիզ մը բաց, կը նայէր ահարկու գազանին ու չէր հասկնար։

 

-- Ուրացիր անիկա։

 

Աւելի խիստ ու բարձր՝

 

-- Ուրացի՛ր անիկա։

 

Շչուն արտաշնչումով։

 

Ու կեցաւ։

 

Ամուր, համրիչին հատիկը կլորակ իր ձայնովը, կարծես չափը կու տար բոլորին սպասումին։ Ու գերման հոգեբանութեամբ կազմուած փաշաները, թշուառական սոֆթայ է մը աւելի թուրք, իրենց շունչը բռնած, կը հետեւէին անոր բառերուն արձագանգին, խորունկ, կարճ, տափաստանեան լայնութեամբ մը ողողուած։

 

-- Ուրացիր անիկա։

 

Սղոցի մը պէս հաստ ու քսքսուն։

 

Կեցաւ, շունչը ուժգին առնելով, մինչ համրիչէն սատափ կայլակ մը, խոնաւ անկումով, փշրուեցաւ մինչեւ հեռուները կարծես։

 

Պաշտօնական երրորդումն էր ասիկա տարազին։

 

Որմէ յետոյ տղուն լռութիւնը մէկէն ի մէկ դարձաւ անակնկալ՝ որքան անհունօրէն խռովիչ։

 

Անիկա շրթներովը մօտ քառորդ վայրկեան բան մը կը թուէր արտասանել։ Դէմքին պուտ մը արիւն չմնաց։ Ու ճակտին գիծերէն ջուրեր քալեցին։ Յետոյ՝ հսկայ իր ափովը երեք անգամ հովանաւորեց անդիմադրելի յօրանջ մը, որուն կախարդական ծագումը դուրս էր կասկածէ մինչեւ անգամ քոմանտան փաշային համար։ Ու անոր աչքերը ողողուեցան նոյն ջուրով, որ կը բուսնէր ճակտին ակօսներէն։

 

-- Հէ՜յ, մարդու որդի, - կ’ըսեմ քեզի վերջին անգամ ըլլալով, չո՛րս բաց ականջներդ։

 

Բառերուն հետ ուժգնակի թօթուեր էր տղան, որ չվերցուց աչքերը, դողաց անոր թեւին դողովը, խածաւ շրթները, ջիլ-ջիլ պրկեց իր դէմքին մկանները, բայց չբացաւ բերանը։

 

-- Սիւպհա՜ն Ալլահ… սիւպհա՜ն Ալլահ սիւպհա՜ն Ալլահ ։

 

Մռլտացին մօտաւոր աթոռներէն մինչեւ գորգապատ ու թաւշեթիկն գահոյքները փաշաներուն։ Աստուծոյ օգնութիւնը կ’ուզէին, երբ գիտէին, թէ պէտքը չունէին անոր։ Իրողութիւն էր, որ բոլոր հանդիսականները ելեր էին իրենց սրունքներուն վրայ ու դարձեր իրենց միակտուր թրքութեան, որ կը թարգմանուի դարձեալ թրքութիւն, առանց բացայայտիչի։ Նման րոպէներու անիկա հազարամ առաջուան մեր պատմիչներէն ուրուագրուած անասունն է, դարձեալ առանց վերադիրի։ Որ կը սպաննէ, ուրիշ բանի անկարող ըլլալուն։

 

-- Սիւպհա՜ն Ալլահ…

 

Անհուն, անյաղթելի իր զայրոյթը բիբի մը սեւ սաթին նման, իր աչքերուն խորը կլորցուցած, ու հոն փոխադրելով ինչ որ Ասիա իր տափաստաններէ՛ն իբր թոյնի մանանայ դեռ կը բանայ մարդոց ջիղերու ճամբաներուն եւ ինչ որ Եւրոպան մոռցած է շատոնց՝ շէյխ Սապիթը ծռեց իր գլուխը դէպի երեսը Սողոմին, ու վիշտէն՝ որքան յուզումէն պայթելու չափ խիստ՝

 

-- Ուլան, քեաֆիր

 

Չկրցաւ լրացնել։

 

Շո՞ւնչը կու գար քիչ, որպէսզի կանգ առնէր, շարունակելէ առաջ նախադասութեան մնացած մասը։ Տեսան զինքը, որ դէմքէն ճմուռ-ճմուռ, եղեր էր դեղին, բայց աւելի քան մեռելը, որ քսանչորս ժամ առաջ պարպուած է արիւնէն։

 

-- Սուսատըն մը էճէլինի [354] ։

 

Կը գրեմ այս նախադասութիւնն ալ արտաբերման բառովը, քանի որ թարգմանութիւնը ստուերն անգամ չի տար սկզբնականին։ Իր ամէնօրեայ գործածութեամբը, թուրքերու բերնին, անիկա ունի անտարազելի բնականութիւն, վայելչութիւն, բոլորովին հեռու արեւմտեան մտայնութեան մէջ իր զգեցած վայրագութենէն։ Մահը իմացազանց [355] խորութիւն, աւելի գէշ բառով մը՝ խորհուրդ մը չէ այդ ժողովուրդին համար, որ երկինքը, արքայութիւնն ու դժոխքը, այսինքն՝ այս մտապատկերներուն կապուած սէնարիո ն շատ լաւ կ’ըմբռնէ, առանց ըմբռնելու մահը, այսինքն՝ այդ վիճակներու նախախայրիքը սա աշխարհին վրայ։ Անցեալ չունենալու անհերքելի երեւո՞յթն է սա արդիւնքը ժողովուրդի մը մէջ, որ ապրեցաւ օրուան համար ու չէ այցուած մելամաղձոտ այն տառապանքէն, որով մշակոյթ մը կը տարուի տեւողութեան գօտիներէն ու կը նոյնանայ խումբ մը մարդոց հոգեբանութեան։ Ինչ որ պատմական փառք կը կոչենք, թուրքերուն մէջ ճակատամարտի հեղում մըն է միայն։ Այդ փառքը տարօրէն արագ կը ջնջուի, երբ այլեւս հողը վրիպի անոր հասողութենէն։ Թուրք կայսրութեան քանի մը ուժգին դարերը չեն զբաղիր մեռելով, զայն զգալու անկարող ըլլալնուն։ Պոլսոյ եւ գաւառական քանի մը մեծ քաղաքներու դամբարանները փաստեր են օտար, հիւանդ եւ զեղծանած ճաշակներու եւ վախերու։ Թուրքը դրապաշտ է շատ, հոգիներու տիրապետութեան մը համակերպելու համար։ Ու կը մեռնի, առանց մեծ ցաւի։

 

-- Ծարաւցայ։

 

Ո՞վ էր պատասխանողը։

 

Հարցուցին ասիկա իրարու, մոլեգին՝ որքան ահաբեկ։ Խուլ սարսուռ մը բոլորին ալ դէմքը ըրաւ րոպէաբար խստագիծ ու վայրագ։ Ի՞նչ բանէ կը վախնային։

 

-- Ծարաւցա՜ր [356]

 

Հեգնական։ Անգութ։ Դեղնած։ Այս վերադիրները պարտաւոր էք տալու ձայնին, որ մեր բերաններէն այս երանգներով դուրս կը փախչի երբեմն։ Շէյխ Սապիթը չէր կրնար իր անհամրիչ ձեռքը պահել փորին վրայ։

 

Ու ոտքի պէյերը տեսան, որ անոր կիսահակ գլուխը շտկուեցաւ, ցից, իր ծխնիին վրայ։ Ոչ իսկ պուտ մը արիւն անոր դեղնած երեսին վրայ։

 

-- Ծարաւցա՞ր։

 

Հարցականը, իրաւ ցաւի մը ձեւով, փոխուեցաւ արագ մռլտուքի մը։ Ապահովաբար այաթ մը կը ծամէր անիկա, հարիւրներու ներկայութեան, ինքզինքը ազատելու համար վերահաս փորձանքէն։ Անիկա բաւական խելք ունէր տակառին, թակոյկով սենեակին հետ չշփոթելու չափ քոմանտան փաշային ապարանքը։

 

-- Շատ աղէկ, շատ աղէկ։

 

Ինքն իր ճնշումէն վիրաւոր ու յոգնած սա շեշտը տխուր էր նոյն ատեն՝ անզգալի նրբութեամբ մը։ Այս տարբերութիւնը կը բացատրէ ոճրագործին ու հանդիսականին հոգեբանութիւնները։ Արիւն թափելու ստիպուիլը մե՜ղք էր ի վերջոյ։ Բայց ազգային առած էր թուրքերուն բերնին սա ակնարկութիւնը, որ շուներուն օրհասը կը բացատրէ, երբ ասոնք աղտոտելու տեղ կ’ընտրեն մզկիթներու դուռները։

 

Ու տեսան, որ ահարկու անոր թեւը սեւ իր պատեանէն ըրաւ ինքզինքը դուրս, հանդիսաւոր կիսաղեղովը ձեռքին, նամազ ի լուացումը կատարող, երբ կանգուննոց թեզնիքը կը սոթտուի մինչեւ ուս, երեւան բերելով միս ու ոսկոր։ Հաստ, տարօրէն տժգոյն էր այդ թեւը, զոր բաց կանանչ, կաւի գոյն գիծեր կը թուէին ասեղնագործած ըլլալ։ Հիւսք-հիւսք ապարանջաններ, հաւանաբար հասարակ մետաղէ, վասնզի մեծ որկորապաշտ՝ շէյխը կ’ապրէր փորին համար` մետաղին թանկը յատկացնելով անոր սպասին։

 

Այդ թեւը, թեթեւ մը դողահար, երկարեցաւ կամացուկ դէպի վիզը երիտասարդին, որուն աչքերը փակ էին գրեթէ, մինչ շրթները կը թուէին շարժիլ մեղմօրէն։ Աղօ՞թք։ Ո՜վ գիտէ։ Իր սուզումին մէջ անիկա չէր տեսած իսկ վիզին փաթթուող այդ մատները, որոնք ամրօրէն սեղմեցին անոր կոկորդը։

 

Սեւ տղեկը, սարսափէն, նետուեր էր տեղէն։ Ափսէն՝ գետինը։ Կոտրող գաւաթներուն աղմուկը հազիւ լսուեցաւ։ Աչքերը չէին կրցած բաժնուիլ շէյխին կռնակէն։

 

Սողոմը, աչքերը բացած, աշխատեցաւ մեղմութեամբ ընել ետ այդ օղակը, որուն ամբողջացումին հասեր էր ձախն ալ։ Շէյխին հաստ շնչառութիւնը նշան էր ուժի [357] մեծ սպառումի։ Ու անձուկի, նոյն ատեն։ Սրա՞հը, անգոյ, վասնզի ժամացոյցին թիք-թաքը, գիծ-գիծ, ինքզինքը կը կտրտէր, ճիգով ու զգուշութեամբ, սրտմտած ու անձկալից հանդիսատեսի մը պէս։ Ու կը լայննար հեւքը, համատարած լռութեան մէջ, լարելով տղուն գլխուն վերեւ մեծկակ ռունգերը թաթարի քիթին, կցկտուր ու ճղրտուն, մինչ մատները, քրտինքով լպրծուն, կը դժուարանային յաղթահարելու անոր վիզին դնդերները։ Մինչեւ ո՞ւր։ Մինչեւ ե՞րբ, որպէսզի թոյլ այդ օղակը զօրանար՝ կոտրելու չափ շունչին խողովակը։

 

Այսպէս հարցուցին իրարու խղդելու առաքինութեան երկու մասնագէտներ, Տիգրանակերտի կողմերէն, պաշտօնի բարձրացումով փոխադրուած Պրուսա։ Հոյակապ ու գիրուկ միւֆթիներ էին ասոնք, որոնք շէյխին սա փորձը ատենին, 95ի ջարդերուն, կատարեր էին այնքան յաջողակ, տասնամեայ շղթայակապ տղաքը մինչեւ հինգ վայրկեան իրենց վիզերէն կղպած պահելու իրենց մատերուն օղակին, քիչիկ-քիչիկ սեղմելով՝ հասնելու համար երջանիկ հանգիստին։

 

Շէյխը հազաց։

 

Տեսան սակայն նոյն րոպէին երիտասարդ կրօնափոխը, որ իր վիզին ծանրացող այդ երկաթները բռնեց մերկ դաստակներէն։ Առատութիւնը միսին, ուր ընկղմեցան տղուն պողպատ ու բարակ մատները։ Ցնցում։ Ընկրկում։ Դէմքի արնախռնում։ Ու շնորհալի, իրենց յիշատակներուն ցոլքովը գեղեցկացած երկու միւֆթիները զարմացան անշուշտ, տեսնելով ցցուիլը շէյխին, ետ նետուելու շարժումին մէջ, օդ փնտռող, ամրանալ ձգտելով ողնասիւնին վրայ։ Կռտողները [358] ուժ առնելու համար կարօտ են կոնքի, կռնակի, սրունքի նպաստներուն։ Շէյխին փուտ միսերը տառացի կտրտուած էին Սողոմին պիրկ ու սուր մատներէն։

 

Ցաւի սա ուժգնութեան տակ չիյնալու համար գետին, նոյն ատեն խորունկ ամօթի մը վախէն ջլատուած, շէյխը լայն իր թաթերը ամրացուց տղուն ուսերուն։ Լաթը կը պահէր զանոնք սահելէ։ Խոշոր իր մատները այդ կերպով տեղաւորուած, անոր տուին անհրաժեշտ ապահովութիւն։ Բայց չէր հաշուած ուժերուն սպառումը, որ եղաւ արագ՝ որքան անակնկալ։ Տկարացման սա անձուկին մէջ ի զուր փնտռեց տղուն աչքերը, սարսափի հեղումով մը կտրելու համար անոր եղունգներուն սլաքները իր միսերուն մէջ, հետզհետէ աւելի խորացող։ Անիկա կը դողար մեծ իր մարմինին ուրիշ ալ մասերէն։ Ու հաստ վիզին ծալքերը բանջարի նման կարմրեր էին։ Զինուորները անտեղեակ անցածին, կ’ուրախանային շէյխին դղրդող կոյտին դիմաց։ Սրահը՝ իջած լարուածքէն։ Զուարճալի՞ սա արջուն եւ «խոզի ձագին» անակնկալ ճակատումը, որ հաւանաբար մէկն էր շէյխին հանրահամբաւ կատակներէն, նոյնիսկ ամէնէն հանդիսաւոր առիթներու…

 

Գրեթէ նոյն րոպէին, երբ տիգրանակերտցի միւֆթին՝

 

-- Եաշասը՜ն [359], - պոռաց, լիահագագ ու յաղթական, վասնզի տեսեր էր շէյխին մէկ թաթին մուրճի պէս իջնալը տղուն ճակատին։ Սողոմենց Սողոմը փայտ կտրող մէկու մը բնականութեամբ, անսպասելիօրէն արագ, զոյգ իր ձեռքերուն մէջ առաւ այդ բարձրացող բռունցքը ու դարձուց, իր բոլոր ուժովը, իր ծխնիին վրայ, ամբողջական հոլովումով մը։ Փրթող յօդերու կճրտո՞ւքը։ Կոտրող բանի մը ճռի՞նչը։ Լսուեցան ասոնք։ Ու լսուեցաւ ճիշդ այն գիծէն, որով գրուեր էր Մաթիկին կոշկոճագին մահը անոր ուղեղին, երբ մարդասպանը, իր ծխնիին վրայ, զոյգ իր ձեռքերով դարձուցեր էր, նոյն ամբողջական հոլովումով, փայտերու հիւսուած թեւը անմոռանալի յեղափոխականին։

 

-- Ա՜…

 

Ինչպէ՛ս արջ մը վիրաւոր։

 

Շէյխը ինկած՝ կռնակին վրայ։

 

Ու սրահը թնդաց։

 

Նոյն րոպէին, զինուոր մը, առանց հրամանի սպասելու, մաուզէրին հաստախարիսխ կոթը փակցուց Սողոմին ծոծրակին ու գլորեց զայն շէյխին մարմինին վրայ։

 

Արդէն կապած էին զայն, առանց ուշ դնելու մօրը, որ ակռաները բացած կը խածնէր ի՛նչ որ կ’իյնար կզակներուն հասողութեան։ Անոր մռնչիւնը կը լեցնէր սրահը, կը յորդէր ապակիներէն` երթալու համար հսկայական ապարանքին հեռանկեալ խորշերը մինչեւ։ Սուր, բզկտող այդ ճիչերը հանդիսականներուն ջիղերը ըրին կտոր-կտոր։ Թուրք կինը չի պոռար։

 

Աւելորդ է խօսիլ ընդհանուր իրարանցումէն։

 

Ամէն մարդ ձայն ունէր, ամէն մարդ կարծիք, սպասելով, որ փրթէին պոռացող կնոջ ձայնին խողովակները։ Ու այս կարծիքներուն մէջ, հիմնականը, տղուն նահանջը։ Հետաքրքիր՝ շատերը սելավաթ ին իրապէս կատարուած ըլլալուն, վասնզի ատիկա ապահովութիւն մըն էր անոր մահուան։ Չէին գիտեր իրական ազդակը տղուն ու շէյխին բախումին։ Ու կը մտածէին։

 

Բայց տիրապետո՛ղ՝ կանչուըռտուքը Սողոմենց հարսին, իջնելու տեղ աճող ու անտանելի, ա՛յնքան՝ որ մատէն խածուած ոստիկան մը բռունցքի հարուածքով մը ջախջախեց անոր կզակը։ Արիւնը հոսեցաւ, բայց ձայնը մնաց անպարտելի։ Ուրիշ հարուած մը անոր գանկին րոպէ մը լռեցուց զայն` առանց անոր ուշքը առնելու գլխէն։ Ու պղտոր լռութեան մէջ, զոր մօրը մեղմ հեծկլտուքը կ’ակօսէր քիչ-քիչ, լսելի եղաւ սրահին արեւմտեան մուտքէն կանացի ձայն մը.

 

-- Ի՞նչ աղմուկ է աս։

 

Ամէնքը դարձան ձայնին։

 

-- Ի՞նչ կ’ընէք։

 

Տիրական։ Սխալ չէ աւելցնել՝ արքայական։

 

Քոմանտան փաշային կինը։

 

Պարզ, գլխուն մետաքսէ ճերմակ վառ՝ անիկա քալեց առաջ։ Քայլերը փոխելու հպարտութիւնը, մարմինին բռնուածքը, աչքերու լարումը բաւական բան կ’ըսէին սա մարդոց, որոնց ակնարկին փաղաղիչ ու յայրատ սեւեռումը անզօր եղաւ սա մուտքին տպաւորիչ հեղինակութիւնը աղարտելու։ Անսայթաք, տարօրէն նուրբ կարմիրով մը զգեստաւոր այտերէն, մինչեւ անգամ ճակատէն՝ հասաւ անիկա կաշկանդուած տղուն։ Սրտառուչ։ Գրեթէ մեղադրող, բայց համակերպուն անոր նայուա՜ծքը։

 

-- Հանդարտ, վալիտէ [360] ։

 

Ինչո՞ւ չեն պատասխանած տղուն հայեացքին [361] ։

 

Սողոմին մայրը, բերանը զգուշացնելով հանդերձ հանըմին «մաս-մաքուր» զգեստներէն, ձեւը գտեր էր իյնալու անոր փէշերուն ու ճակատը դրած անոր ոտքերուն։

 

-- Տղա՜ս, հանըմ, տղա՜ս։

 

Ո՛չ արցունք, ոչ ալ ձայն։ Այլ երկուքը մէկէն, ինչպէս կ’ընեն, գեղերու մէջ, ողբի րոպէներուն, մեռելին առջեւ կամ անոր յիշատակին հետ։

 

-- Հանդարտ, վալիտէ, հանդարտ։

 

Ու ձայնին հետ, ձե՛ռքը, որ զայն հանեց ոտքի։ Արի՜ւնը, սեւ, մէկ շրթունքի անկիւնին։ Ու չկար մէկը անկէ նեղուող։

 

Երկարեց անոր իր թաշկինակը։

 

-- Սրբէ բերանդ։

 

Յետոյ, դառնալով զինուորներուն՝

 

-- Ձգեցէք ինծի։

 

Իր մատը ցոյց էր տուած Սողոմը։

 

Ըսուածքի հեղինակութեան կը միանար անոր համբաւը։ Զինուորները, առանց քակելու իրենց շղթան, քաշեցին իրենց ձեռքերը տղուն մարմինէն։

 

Անդին՝ ուրիշ խումբ մը զբաղած էր շէյխը ուշաբերելու, որուն կիսափակ թարթիչներէն նայուածքի գիծ մը, անկանոն, կը ջանար ըլլալ, բայց կ’աւրուէր, համաձայն գլխուն ըրած [362] շարժումներուն։ Նոյն ատեն հսկայ ու հոտած անոր զանգուածը կը հպատակէր դուրսէն բազուկներու, լքելով ինքզինքը, ասոնց պակասէն, ստեղծելով դիակին կարծրացումը կանխող ջրի, աղկաղկ թուլութիւնը, նուաղումին հետեւող յուսաբեկ անձուկը։

 

Կուսակալը, քանի մը հազարապետ, երեք­չորս մեծաստիճան կրօնաւոր շրջապատեցին սարայլը ն։ Անոր ամուսինը ճամբայ էր ինկած իր գահոյքէն դէպի սա խումբը, բայց սպառնացուած՝ պայթելու վրայ հազէն, զգուշաւոր էր իր քայլերուն։ Փոշին, ապականուած օդը կը սղոցէին անոր կոկորդը։

 

Հպարտ, դժգոհ՝ կուսակալը ձեռքը լայն բանալով իր կռնակին վրայ։

 

-- Ի՞նչ է աս, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Ինչո՞ւ կը հարցնէք ինծի ատիկա։

 

-- Որո՞ւ ուրեմն պէտք կ’ըլլայ հարցնել։

 

-- Ձեզի, փաշա հազրէթլերի։

 

-- Ինծի՞։

 

Ապշահար, ցոյց տալով դեղնած ատամներու շարք մը, խոռոչաւոր ու անկանոն։

 

-- Անշո՛ւշտ։

 

Հասած էր քոմանտան փաշան, զայրոյթէն կապուտցած։ Հազին նիզակէն հալածական՝ անիկա չխօսեցաւ։ Սուր ու խոշոր անոր շունչը կը հոտէր ստամոքսի կաթսային ամբողջ գարշութեամբը, որ գէրերուն խօսակցութիւնը տաժանք մը կ’ընէ դէմինին։

 

-- Դուք էք պատասխանատուն։

 

-- Ինչպէ՞ս թէ մենք։

 

-- Ի հարկէ, փաշա հազրէթլերի։

 

Անոր նուրբ ձեռքը գնաց շղթաներուն։ Հա՞զ մը կ’արգիլէր, թէ կ’ուզէր լռել։ Բայց տաքցաւ  --մորթին վրայ ցոլացող կարմիրը կը մատնէր ատիկա--    ու աւելցուց, գրեթէ յանդիմանող.

 

-- Ճիշդ երեք անգամ ես լուր եմ ղրկեր այսօր, քոմանտան փաշային։

 

Եւ դարձուց իր նայուածքը ամուսինին։

 

-- Այնպէս չէ՞, փաշա՛։

 

Քոմանտան փաշան «կէս արտավար» իր երեսներով ու կոճի նման դունչովը պարտաւորուեցաւ հաստատել ստուգութիւնը հանըմին պատմումին։ Ու անոր վիզին տակէն քառածալ միսը մաս կ’առնէր այս խօսակցութեան։

 

-- Ես գիտէի, կը զգայի ասիկա։

 

-- Ի՞նչ բան։

 

-- Ինչ որ կատարուած է։

 

-- Զարմանալի։

 

-- Երբեք, ընդհակառակն, շատ պարզ, ամէն ինչ ծանօթ էր ձեզի։

 

-- Կը մերժեմ այդ վերագրումը բացարձակապէս։ Իմ մասիս՝ ես անտեղեակ եմ ամէն բանէ։

 

-- Եւ սակայն ես լուր եմ ղրկեր։

 

-- Թէ՞։

 

-- Թէ սելավաթ ի պաշտօնական արարողութիւնը բաւ էր համարուելու, թէ՝ ա՛լ հարկ չկար սա երկրորդին, մա՛նաւանդ անոր տրուած սա հանդիսաւորութեան։

 

-- Բայց ի՞նչ վնաս կայ ատոր մէջ, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Վնա՞ս։

 

Ու ցոյց տուաւ մատին ծայրովը շէյխով զբաղած խումբը, ուր դէմքերու արտայայտութիւնը կը դառնար անձկալից։

 

-- Ահաւասիկ վնասը։

 

Կուսակալը լաւ չէր հասկցած։

 

-- Այդպէս էր ուզած։

 

-- Ո՞վ։

 

-- Հաւատափոխը։

 

Անիկա լռեց։

 

Դէմը, ինչպէս Մարիամ մօր պարկենք ին առջեւ, Սողոմենց կինը, անշուշտ բնաւ կամ շատ քիչ բան հասկնալով սա վիճաբանութենէն, բայց տարօրէն խոր ապահովութեամբ մը անոր «հոգին կը վկայէր», թէ այդ բերանէն «ըռինդութիւն» միայն կրնար գալ հայուն՝ ինչպէս թուրքին։ Այսպէս կը դատենք, առանց որոշապէս գիտակցելու մեր տուեալներուն, անծանօթներ, որոնց հետ մեր առաջին հանդիպումը կու գա յ խոր խռովքի ակօսներէն։

 

Անոնց շուրջը մարդերու համախմբումը եղաւ շատ արագ։

 

Աւագանին ամբողջ։ Այսինքն՝ կուսակալութեան ամէնէն ջոջ պաշտօնատարները, մեծ մասով կրօնական նուիրապետութենէն։ Որոնք երկիւղախառն լռութեամբ կը շփշփէին, հիացիկ, իրենց մօրուքները ու պարտկելու յոյսով յայրատ աշխատանոցը իրենց աչքերուն, կիսամրմունջ աղալով այաթ ը այաթ ին ետեւէն։ Այդ օրերուն մարդիկ աղօթելու էին մորթելու՝ ինչպէս ցանկանալու ատեն։ Բացառիկ՝ սա պատեհութիւնը, այնքան խօսուած արքենի կինը վայելելու աչքով։ Թուրք ընտանիքը կազմուած է առանց կնոջ։ Ըսել կ’ուզեմ՝ անոր մէջ զգալի չէ ազդեցութիւնը կին տարրին։ Զօրանոցն ու դիւանը կաղապարած են անոր խարիսխները։ Այրը՝ տունէն դուրս։ Կինը՝ վանդակէն ներս։ Առաջինը՝ սրճարանները, աղօթատեղիները յամենալով մեծ ախորժանքով։ Երկրորդը՝ իր պողչա ն միշտ պատրաստ պահելով, դուրս նետուելու մշտական անդոհին մէջ, պակսելով իր կայանէն հոգիովն ու սրտովը։ …Բոլոր այս մարդիկը, արգիլուած պտուղին ձգողութեամբը, իրարու կիներուն հանդէպ խուլ հետաքրքրութեամբ, աչքով կ’ուտէին դեռ անթարշամ հրապոյրը սարայլը ին, որուն կ’աւելնար հեքիաթը, ցանկութիւններուն լուսապսակը։ Բոլոր այս մարդիկը, իրենց բազմահատոր կիները կը ստիպէին պատմել, բեմադրել մարմինները ուրիշներու կիներուն ու կ’ապրէին օտար ծոցին կարօտովը, իրենք զիրենք ընելով մեծատաղանդ տարփաւորներ, սազով կամ չարիքով [363] պարզելու ատեն անմահ տենչը սերմին ծարաւին։ Ասկէ զատ զինուորականը հիմնատարր հոգեբանութիւն է թուրք ընկերութեան մէջ։ Բանակի, զօրանոցի սա պաշտամունքը նկարագիրն է անոնց քաղաքակրթութեան։ Զուտ արու տարրով կազմուած այդ ընկերութիւնը նախճիրով, արիւնով կը շարունակէ թափը սկզբնական ախորժակին տակաւին հիմա։ Սեռին դիտապաստ զգետնուիլը, ռուս վէպին մէջ այնքան ճակատագրական, թուրքերուն մօտ տարրական կենցաղ է դեռ։ Եւրոպա ըրած մեծ փաշաներն ու ազնուատոհմ պէյերը դուրս չեն այս ընդհանրացումէն։ Դրէք սեռը թուրքին հասողութեան ու ասիկա պիտի բաւէ, որպէսզի անիկա պարպուի իր միւս կիրքերէն, պայմանաւ, որ արիւնը կամ ասոր հոտը նախապէս «բռնած» չըլլայ անոնց զգայարանքները։ Անգամ մը արիւնի համր զգացող կենդանին, սերմին պիտի կապէ ճապաղիքին եղկ միւս համն ալ։ Լլկելն ու նոյն գիծով սպաննելը, անոնց բանակներուն նախասիրած մարզանքը եղաւ դարերով։

 

Ու գիտէին, թէ ինչո՜ւ չէին խօսեր։

 

Կուսակալը, մետաքս իր թաշկինակէն հոտ սփռելո՞ւ, թէ մշուշոտ ապակիները մաքրելու համար իր ակնոցին, պաղած կը նայէր մոնոկրամ ին, զոր Եղնիկին մատները բանած էին այդ կտաւին վրայ։ Իրողութիւն էր, որ սա ա՛լ անգիտակից դարձած զբաղումով՝ անիկա սովոր էր իր մտածումները հանել իրենց թմբիրէն։ Նստակեաց կենդանիներուն մէջ շարժումը   --մտածումը ուրիշ քիչ բան է--   տհաճութիւն է ու անգործութիւն։ …Կիսասեւեռ, ակնոցը տեղաւորելէ յետոյ իր քիթին կէսին    --կ’ընէր այսպէս, նմանելու համար եւրոպացի դիւանագէտի մը, որմէ լուսանկար մը ինկած էր իր թուղթերուն մէջ՝ պատկերազարդ հանդէսէ մը հանուած-–, հարցուց տիկինին դիւանագէտի խորհրդաւոր թարթումովը։

 

Հիմա՞։

 

Սարայլը ն, լո՛ւռ։ Անիկա կը հետեւէր շէյխին մարմինին, որ անգործօն միսի էր վերածուած։

 

Իր հարցումէն մարդ կը նեղուի երբեմն։

 

Եւ սակայն խուժանը կը դառնար խռով։

 

--   Հանըմ էֆէնտի, կրնա՞մ ձեզի հարցնել, թէ ինչու այսպէս ուզեց այս հաւատափոխը։

 

-- Ինչպէ՞ս ուզեց։

 

-- Ինչո՞ւ չուրացաւ իր մայրը։

 

-- Այդ հարցումը պատասխան չունի, փաշա հազրէթլերի։

 

-- Ինչպէ՞ս։

 

Անոր ամուսինը, «ականջները կախ»՝ կը հետեւէր սա խօսակցութեան՝ միջամտել վախնալով։ Գայթակղութիւնը արդիւնք էր քոմանտանին գերմանական իմաստութեան։

 

-- Դուք կը հարցնէք ինչուն ու չէք մտածեր ձեզի։

 

Ու ինքնին անուշիկ անոր աչքերը անգամ մըն ալ անուշցան, սեւեռումով մը դէպի ներս։ Իր սրտին նայող կնոջ մը աչքերը անդիմադրելի են։ Ասկէ զատ մենք գրեթէ միշտ կ’այցուինք անգայտ շղարշումովը մեր մտապատկերներուն։ Թախծոտ ժպիտ մը ուրուացեր էր մեղմ անոր միսերուն անդունդներէն։ Անսփոփ գերութիւնը [364] մեզ կ’ընէ շողարձակ [365] ։

 

Անոր մատը դողաց։ Մեծ ադամանդէ մը բիւրեղներ կը փրթէին, երբ աւելցուց.

 

-- Բայց մենք չէ, որ մեր օրէնքները պիտի պարտաւորենք ուրիշներու սիրտին։

 

Երկու օր առաջ կարդացուած վէպէ մը, որ թարգմանութիւն մըն էր կոմսուհիի մը սիրարկածները պատմող, սա մտածումը անիկա կը կրկնէր անդադար, մարդոց սիրտերը վարող ուժերուն տարօրինակ, անգուշակելի ուղղութիւններէն խորապէս շահագրգռուած։ Ո՞ր օրէնքին զօրութեամբը վէպին հերոսուհին իր աղջկանը նշանածը կ’առնէր անոր միամիտ տարփանքէն, ու ասիկա՝ հեշտագին, հարցնելով իր վայելքին մէջ իր արարքին արժէքը իր տարփաւորին ու անկէ առնելով վերի պատասխանը։ Սարայլը ն ընդհանրացուց առածին իմաստը։ Սողոմին մերժումը փառաւոր փաստ մըն էր անշուշտ։ Բայց անիկա կ’անգիտանար աւելին։ Տարիներով կը բուսանանք, մեղքին կամ վայելքին խորը, անհանգիստ կամ պանդոյր։ Օրին մէկը, չսպասուած առիթով մը, որ ակնարկ մը, շարժում մը, բառ մը, ընթերցում մը կրնայ ըլլալ, մենք կը վերածնինք [366], ըսել կ’ուզեմ՝ մեզի դարձած կը գտնենք, խելամտելով մեր բուսական անդոհին ու մեր դժբախտութիւնը կը հագնինք, ոչ թէ դուրսէն բռնադրուած փուշէ պսակի մը կամ ներսէն հրամայուած ձարէ շապիկի մը պէս, այլ՝ իբրեւ մեր իսկ մարմինին ոգեղինացումը ու մեզ կը դատենք։ Բոլոր այն կիները, որոնք մեղքը ունեցան իրենց պարտադիր ընկեր, օրին մէկը զայն պիտի տեսնեն այս տարազով։ Քառսունէն յետոյ անոնք պիտի չզղջան, ոչ ալ ափսոսան, այլ պիտի իմաստնանան ու պիտի հաշտուին իրենք իրենց հետ։

 

Թարթիչները կիսովի վեր, հեռուներէ [367] իջնողի այլուրութեամբ մը, ուր կար անուշութիւն ու տրտմութիւն ու ինչ որ քսան տարուան փափկասնունդ մեղք մը կու տայ մեր արտայայտութեան իբր ապրուած ճանաչողութիւն՝ անիկա աւելցուց իբր թէ օտարներուն.

 

-- Սիրտը դուրս է մեր հասողութենէն ու մեր պարտքն է հասկնալ այս հանելուկը։

 

Գիտէր, թէ կը կրկնէր մօտաւոր իմաստը տողի մը, դարձեալ թարգմանութիւն մը, որուն մէջ այդ բառերը կ’ելլէին բերանէն ուրիշ կնոջ մը, իր՝ թէ իրմէն մատաղ տարիքով, ան ալ իշխանուհի, հեռաւոր Անգլիայի մէկ դղեակին մէջ, հազար մը տարի առաջ, երբ, ծովաբարձ աշտարակին կատարին, գլխիկը կ’երկարէր, աղօթքէ մը ետք, էրկանը սուրին, իր սիրահարին սպանումէն յետոյ աւելորդ յայտարարելով ապրիլը ու արցունքով, բայց անդիմադրելի շնորհով մըն ալ մահ պաղատելով ամուսին իշխանէն, ա՛յնքան՝ որ անպատուըւած սիրտը կը փղձկէր իր կնոջ սա քաղցրութենէն ու իր կարգին սուրը կ’երկարէր անոր, մահուան ծարաւով։ Վէպերուն ու դիւցազներգութիւններուն մէջ երբեմն կեանքը իրաւ է մեր իրականութենէն շատ վեր հոծութեամբ։

 

-- Ո՞ր հանելուկը։

 

Ուրկէ՞ իմանար կուսակալ փաշան ալիքներէ կոծուած աշտարակին կատարին մատուցուած սա պատարագը ու անոր մէկ նախադասութիւնը։ Անիկա հարցուց սակայն.

 

-- Բայց զարմանալի է, որ չէք հասկնար, փաշա հազրէթլերի։

 

Ու չէր գիտեր, որ ինքն էր զարմանալին։ Անիկա դարձաւ սակայն դղեակէն իր սրահը։ Ու կը թուէր տեւողութեան դաշտերէն քալել, այնքան մտապատկերը իր անգլիական ծագումով իշխող էր տակաւին անոր զգայարանքներուն։

 

-- Կեանքը ճերմակ թուղթ չէ ու մեր ուզած մելանը չեն տար մեզի։

 

Աս ալ մտածում մը, ուրիշ վէպէ մը։

 

-- Կեանքը երկաթէ տախտակ է, ու ամէն գրիչ ուժ չունի անոր վրայ իր ուզածը գրելու։

 

Կանգ առաւ։ Ճիգ ու շուարում։ Ամբոխը կախ էր անոր աղուոր շրթներէն, որոնք բառերը կ’արձակէին առանց ծեքծեքումի, լրջութեամբ տրտմած։ Խոր էր անիկա, հրապուրիչ, իմաստուն։ Ու տակաւին չէր գիտեր, թէ քանի մը կիներ անցեր էին իր դէմէն, իրենց եղերերգական վայելչութեամբ ու տրամին սիրտ առնող փաթեթիքովը։ Անիկա կը դառնար խռովիչ։ Հեռանկեալ պատկերներուն լոյսը մեզ կ’ընէ այսպէս թափանցիկ։

 

-- Չէ՞ կարելի պարզ խօսիլ, հանըմ էֆէնտի։

 

Առանց հեգնութեան չափեց անիկա իր խօսակիցը։ Պզտիկ ծալք մը անոր շրթներու անկիւնէն, որով կը խուսափի մեզմէ մեր անկարողութեան պատգամը։

 

-- Ի վերջոյ, փաշա հազրէթլերի, գիտէ՞ք բան մը…

 

Կէս մնացած նախադասութիւնը, գլխու տրտում հակումով մը, կրկին եղաւ անհասկնալի։

 

-- Ի՞նչ է ձեր նպատակը։

 

-- Գիտէ՞ք բան մը մահէն անդին։

 

Սարայլը ն կրքոտ էր։ Որո՞ւ կը բարկանար։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Պարզ է, շատ պարզ, փաշա հազրէթլերի, կա՞յ, գիտէ՞ք բան մը մահէն անդին։

 

Անիկա լրջացաւ։ Կիրքը կտրեր էր։ Ու պարզ էին անոր աչքերը, որոնք, վէպերէն դարձող, կը մատնէին երկար ճամբորդութիւններու խոնջէնքն ու տրտմութիւնը։ Սրահը կը շարունակէր ինքզինքը հաւաքել աւագ այս խումբին շուրջը։

 

-- Մահուան յօժարող մը, այդ իսկ դիւրաբեկութեամբ, չի վախնար մեր օրէնքներէն։ Ու պարզ է այս ճշմարտութիւնը դարձեալ։

 

-- Ո՞վ է ատիկա, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Ան։

 

Ցոյց տուաւ երիտասարդը։

 

-- Մեզի չըսուեցաւ ասիկա։

 

-- Կարելի է։ Բայց ես հաղորդեցի այս պարագան քոմանտան փաշային։

 

Անիկա հանդարտ էր, բացատրող քան, թէ վիճաբանող։

 

-- Ու ըրի կարելին, որպէսզի դէպքերը չիյնային հոս։

 

Լռեց։ Աչքին ուրուացեր էր ու ջնջուեր ստուերը խոհարարին, որ անոր ոլորտին մէջ քաշուած կ’ըլլար անզգալաբար։

 

-- Արդար չէ՞, որ տղայ մը վախնար իր մօրմէն։

 

-- Կատարելապէս։

 

-- Մերժե՞ց իրենց գեղին մեծերը։

 

-- Այո՛։

 

-- Քահանա՞ն։

 

-- Այո՛։

 

-- Բայց անիկա չէր կրնար մերժել իր մայրը։

 

-- Իրաւունք ունի հանըմ էֆէնտին։

 

- Ու վճռական, ­ յայտարարեց ասիկա [368] ։

 

Տեսան անոր ձեռքը, որ երկարեցաւ՝ ճակտին փակած վառը զատելու եւ տանելու քիչ մը աւելի ետ, դէպի մազերը։ Մետաքսը, երբ թրջի, կը նեղէ, կծու, մածուցիկ դառնալով։ Բարակ շողիւն մը կը խաղար քրտնած մասերէն։

 

-- Ու երբ հիմնականը ունէիք, չեմ գիտեր ինչո՞ւ երկրորդականով վտանգ փնտռեցիք։

 

Պոլսական խօսակցութեան ընտիր կերպերը անիկա զարգացուցած էր եւ իր սալոնին սպասովը երկար տարիներ վէպերը ուրիշ նպաստ էին բերած անոր խօսքի բնածին դիւրութեան։ Իր ժպիտը, խօսքի մէջ զգեցած անգիտակից պչրանքը, իր անձին համը իրարու կու գային, որպէսզի մարդերը ուշանային իր շունչին մէջ։ Ու ինք գիտէր ատիկա, բայց առանց սնապարծութեան։

 

-- Հակառակ թախանձանքիս՝ չհասկցան, թէ աւելորդ էր յամառիլ սա հանդիպումին։

 

-- Բայց ըսին, որ դուք էք փափաքած։

 

-- Ե՞ս։

 

Նայեցաւ ամուսինին, որ գլուխը դարձուցեր էր շէյխով զբաղող խմբակին։

 

-- Մօր ու տղու վերջնական բաժանումէն առաջ, ես ուզեցի, որ իրար տեսնեն անգամ մը։

 

-- Տեսա՞ք։

 

-- Մի աճապարէք։ Տեսնեն՝ բայց ոչ յիսուն, հարիւր աչքերու տակ, այլ՝ վարը, խոհանոցին մէջ։ Այս է եղածը ու չեղածը։ Նման տագնապներու մէջ կիները կը հասկնան իրար։ Կու գան րոպէներ, երբ սիրտերը վեր կ’ըլլան ձեր օրէնքներէն, փաշա հազրէթլերի, ու թերեւս վեր՝ ազգէն ալ, կրօնքէն ալ։

 

Կը խօսէր բնական, հակառակ քրտինքին, որ կը շատնար չնորոգուած օդին ու յուզումին [369] ։ Այս բնականութիւնն էր պատճառ, որպէսզի անցնէր աննշմար մտածումին հերետիկոսութիւնը։ Ազատականութիւնը Թուրքը բարքերու մէջ կը հանդուրժէր, անշուշտ ուրիշին վրայով, կրօնքին նպաստովը ճեհեննէմ ին բաշխելով հեղինակները։ Բայց բառերու կրկէսէն անիկա քրէական մեղք էր ու է՛ տակաւին։ Չէ եղած շրջան, մամուլի հաստատումէն ասդին, որուն մէջ, անոնք, այսինքն՝ մտածողները, առանց մահուան սպառնալիքի յանդգնին գրել ինչ որ կը մտածեն աս ու ան հարցին շուրջ։

 

-- Հիմա՝ որ հիմնականը կատարուած է, ու կատարուած՝ մեր ամէնուն ցանկալի ձեւովը, կը խորհիմ, որ ձգէք ինծի կարգադրութիւնը այս կնճիռին։ Կը փափաքիմ, որ տղան յանձնէք ինծի ամէնէն շատ կէս ժամուան համար։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Յետո՞յ։ Վստահ եմ, թէ զայն կը դարձնեմ ձեզի սրբացած եւ ուղղափառ, այնքան՝ որքան զտարիւն միւսլիւմանէ մը ծնած մէկը։

 

-- Բայց կատարեալ գոհունակութեամբ, հանըմ էֆէնտի։ Անշուշտ Ալլահը վարձահատոյց կ’ըլլայ ձեր բարիքներէն։

 

Քաղաքային վարժարանէ [370] փայլուն ընթացաւարտ, իր պոլսական կապերուն պարտական արագ իր յառաջացումը՝ կուսակալը կը հաւատար բարիքին։

 

-- Շնորհակալ եմ։

 

Չէր նայած էրկանը, որ շահ ունէր չհանդիպելու անոր հայեացքին ու կը թուէր մտազբաղ շէյխին երկարող նուաղումովը։ Քաղաքէն պալատ դարձին՝ էրիկ­կնիկ գրեթէ կռուեր էին սա «սերսեմ» հանդէսին համար։ Կը վախնար ամուր նայելէ շրջապատող աչքերուն, որոնք գիտէր ուղղուած իր մարմինին բոլոր մասերուն, ասեղի պէս սուր ու թափանցող։

 

Սրբեց փրփուրի նման թաշկինակով մը յօնքերուն վերնագիծը։ Քրտինքը անտանելի կը դառնար։

 

-- Հաւատի՛ս։

 

Չէր շրջած իր կրունկներուն վրայ։ Գիտէր անոր ներկայութիւնը իր ետին։

 

Խոհարարը կեցաւ յարգանքով։

 

-- Տար այս տղան խոհանոց։

 

Հարիւրապետ Աքիֆ պէյը, զինուորական լրջութեամբ՝

 

-- Անշուշտ հսկողութեան տակ, հանըմ էֆէնտի։

 

-- Չեմ հասկնար։

 

Կուսակալը միջամտեց։ Բանտարկեալները չէին կրնար առանց զինուորի պտտիլ։ Բայց շնորհ մը կ’ըլլար տիկինին անշուշտ։ Պահակները սպասէին պիտի խոհանոցէն դուրս։ Տեսակցութենէն ետք, մինչեւ ձեւակերպական արարողութեանց ամբողջացումը, հաւատափոխը պիտի դառնար իր խցիկին։

 

Անիկա, առանց առարկութեան, ընդունեց թելադրուածը։ Սարսափին մէջն էր հարիւրապետին նայուածքին։

 

Ու, դառնալով Սողոմին մօրը՝

 

-- Քալէ ետեւէս։

 

Սողոմենց հարսը, որուն արիւնը քիչ­քիչ կը մզուէր դեռ, ինկաւ անոր առջեւը։ Տղան, զինուորներէ շրջապատ՝ կը կանխէր զանոնք։

 

Ամբոխը՝ հիացիկ տրտմութեան մէջ։

 

Անոնց հեռացումը արձակեց պաշտօնատարներուն լեզուները։ Ոչ ոք կը զբաղէր շէյխով, որ հասակին փառքովը կ’երկարէր քանափէի մը վրայ։

 

Սկսաւ դասական պատուասիրութիւնը։

 

Օշարակ, ու բազմատեսակ քաղցուեղէններ։ Անուշի տիրապետութեամբ սա կոչունքները թրքական բարձր դասուն նախասիրած հաւաքոյթները կը կազմէին Համիտի ռէժիմին։ Խմիչքի պակասը, պարտադիր ըլլալու չափ, գեղեցիկ նոթ մըն էր բոլորին համար։ Ու Արեւմուտք ըրած մտաւորականներն անգամ հաճոյք ունէին սա զգուշաւոր համակերպումէն։ Քաղաքին ամէնէն համբաւով անուշավաճառը ստանձնած էր հանդէսին սպասը։ Վերէն վար ճերմակ վերարկուի մը մէջ, ածիլուած գլուխներուն վրայ նոյն ճերմակէն գդակ, ուսերուն կախ ճերմակ հաւլու ներ, ու մարմինի ծիրէ ու երկայնքէ մէկ, տասնի մօտ մարդեր, իրենց ետեւէն մանրուք [371], բայց համատարազ տղաք, կը դառնային, հսկայ ափսէները տաշեղի պէս շարժելով ուզուած ուղղութեամբ։ Ուրիշ խումբ մը տղայ, միշտ նոյնատարազ, արծաթ կոնք ու ըպրըգ [372] կը պտտցնէին, ուշադիր, լուրջ ու հանդիսաւոր։ Տօներ, հարսնիքներ, թլփատութեան հանդէսներ, մեծափարթամ ապարանքներու մէջ բարիքին կը զուգորդեն վայելքը։ Պալատը ամբողջ, բացի հիւրերէն, ծառայողներու լման բանակովը   --ուր եկեր էին աւելնալու ազգականներու տղաք ու անկարներուն մօտակայ օճախը--   կ’օրհնէին փաշային հայրենաւանդ առատաձեռնութիւնը ու կը մեղրոտէին իրենց բազմատոչոր կոկորդները յանուն Ալլահին ու իր միակ Մարգարէին։ Կոյր երգեցիկներու խմբակը, որ Ջերմուկներու արուարձանին մէջ մնայուն օճախ կը պահէր, ու կանչուած էր պալատ, հանդիսաւորութիւնը կրկնապէս շքաւորելու [373], ինքզինքը դժբախտ զգաց, վասնզի չունեցաւ պատեհութիւնը իր տաղանդը արժեցնելու։ Խնճոյքը չսկսած՝ «աւրուեր» էր։ Բազմազգի անոնց գործիքները կը հանգչէին անոնց ծունկերուն, մէջքին, կողին։ Մինչ անձանձրոյթ ու տարօրէն վարժ՝ անոնց ձեռքերը մեծ եռանդով կը կրէին իրենց նահատակ որկորներուն ինչ որ կը մատուցուէր իրենց, հինգ մատներով պատառաքաղին անցուցած կարագով պսակաւոր անուշները, ձախ ափն ալ գոգ ընելով կաթելիքի մասին։

 

Շէ՞յխը։

 

Քուն ըլլալու էր, ինչպէս կը սիրէին կարծել զինքը լքողները իր բարձրադիր դագաղին, ու վազած էին անուշի սպասին։ Յետոյ ատեն կարելի էր ճարել զայն արթնցնելու։

 

Ու պնակի, պատառաքաղի   --կրօնաւորները իրենց մատներէն դուրս բան չգործածեցին--   քաղցր աղմուկը, վարդին հոտը, որ շաքարջուրէն կը զատուէր, կզակներուն մեծ շրշիւնը ստեղծեր էին սանկ պղտոր, ծփծփուն լռութիւն մը։

 

Չտեսան, թէ ուրկէ՛ մտաւ սեւ բանը։

 

Ճա՞նճ մըն էր։

 

Արագ՝ խոյացաւ անիկա շէյխին քիթին. բողկուկներովը սանտրեց իր թեւերուն ժանեակը ու ռունգէն ներս հարցուց առաջին հարցումը փտութեան ու որդին։

 

Մահը հոտ ունի՞։

 

Ոչ ոք, որ փախցնէր անարգ միջատը, սրբազա՜ն այդ դէմքէն։

 

Ե.

 

Վարը, խոհանոցին կից սենեակին մէջ, իր լրումին կը հասնէր առաջին մասը սա ողբերգութեան, որ խեղճուկ գիւղի մը աւելի քան խեղճուկ մէկ փողոցիկէն առած էր իր սկիզբը, ընչաքաղց ու նախանձոտ պառաւի մը անաստուած մէկ ցանկութեան յագուրդ բերելու նպատակով, ու այսքան տագնապներէ, արիւնէ, կրակէ վերջը ինկած սա հեղձամղձուկ անցքի՜ն, - նոր պողոտա՜յ՝ քիչ ժամանակ ետքը, դէպի բարդ կեանքը պալատներուն, ցեղային յոյզերուն, անպարագիծ, անըմբռնելի արեան ուրիշ փոթորիկի մը մէջէն հասնելու համար իր սեփական անդունդին, ամէն մարդու վերջնական ստացուածքին, սա մեր աշխարհէն։

 

Երկու պառաւով ճամբայ ինկած տրամին այս մասը իր առաջին կէսի վերջաբանին ունէր հինգ հանդիսական։

 

Սողոմենց տղան նստած էր մօրը դէմ, ա՛լ վերջին անգամ։ Տեսակցութեան ներկայ՝ սարայլը ն, աղջիկը, խոհարարը։

 

Ու ամէն մէկը իրեն յատուկ տագնապով։

 

Անոնց ամէնէն անսփոփն ու ջախջախուածը, հաւանաբար խոհարար Աւետի՛սը, որ մինակն էր զգալու համար անհուն ճնշումը սա տրամին։

 

«Հոգին ծախելը» ժողովրդային խորունկ բացատրութիւն մը չէ միայն, այլեւ՝ պատգամ մը, զոր քիչեր պիտի հասկնան, վտանգին անմիջական պարունակէն դուրս։ Իր կրօնքին՝ իբր գերագոյն լաստի մը՝ փաթթուած սա ողորմելին    --ինչպէս կը կոչէր ինքզինքը, սրտին խորէն, Պրուսայի ժամուն գաւիթի պատկերին առջեւ ակնափակ--  մինակն էր կշռելու համար ծրագրուած դժբախտութիւնը երիտասարդին, որուն, հաւատքին փոխարէն, ծոցը պիտի տային աս ու ան աղջիկը   --անիկա վստահ էր Եղնիկին այլուրութեանը սիրային ամէն տագնապէ ու կը դատէր անոր միջամտութիւնը սա պատահարին, իբրեւ մէկը անոր քմայքներէն-, ինչպէս տեսեր էր այնքան շատերու համար վերջին տարիներուն, երբ խաչապաշտ Աստուածը տկար էր ինկած Մուհամմէտին կրունկներուն։ Ջարդերուն հետեւող յուսալքումը պատճառն էր սա ուրացումներուն։ Ու կարմրեցաւ։ Վասնզի կշռեց նոյն մեղքով իր ալ կորուստը «ի գեհենն յաւիտենից»…։ Հարկաւ, բազմամեղ Բարսեղ վարդապետին շիրմաքարէն զուր տեղը չէր փակած գրաբար տարազը անոր ուղեղին։ «Հէյ վա՜խ» ըսաւ անոր միտքը, բայց ոչ՝ բերանը։ Յետո՞յ։ Անոր ծոցէն բարձրացաւ ուրիշ ձայն մը, պարզ ու տաքուկ, զոր կսկիծէն խորովուած կոկորդ մը կ’ընէր աւելի կակուղ, արիւնոտ։ Անիկա, իր մեղքէն ծեծուած նահատակ, տարիքին հետ դարձեր էր զգայուն սա ներքին խօսքերուն, որոնք սրտի որոտ մը կը կանխէին իր մէջ ու կը տրորէին անոր արդէն խոնջ ջիղերը։ Դէմը պիտի խօսէր առանց անդրադառնալու, ու պիտի վախնար այդ ձայնին հաշւոյն։ Անիկա հաւատացած էր, թէ այդ խօսքը կու գար կաշեպատ համայիլէն, զոր կը պահէր կարուած՝ իր բաճկոնին խորերը, անհնարին զգուշութեամբ, բոլորին, մինչեւ իսկ տարփուհիին հոտառութենէն։ Այդ հնօրեայ, շատ բարակ մագաղաթի վրայ ձեռագիր յուռութքին մէջ՝ աղօ՛թք մը աղբիւրն էր այդ ձայնին, քանի որ կը զրուցուէր «ի փրկութիւն վաճառելոցն գեհենին»։ Կախարդ վարդապետի մը հոգին էր, որ կը յառնէր ու կը խօսէր այդ տողերուն [374] մէջէն, չլքելով մոլորեալ ոչխարը, նոյնիսկ անյոյս կորուստէն ետքն ալ, յանձնարարելով «զայդ աղօթս առնել», ազատելու համար յաւիտենից դատապարտութենէն բոլոր Ադամու որդիքը, աս ու ան հնարքներով ինկած «մոլորեցուցչին» որոգայթներուն, ուրանալով, զրպարտելով, շնանալով ու տաճկընալով ։ Ադամու որդիները այս «աղցաւեր» աշխարհին վրայ բաւական տառապած էին, Երկնաւորին ալ հանդուրժել կարենալու համար։ Ու պարզամիտ խոհարարը, սա կարճ յետմիջօրէին, երրորդ անգամ ըլլալով զրուցած էր փրկութեան աղօթքը ի հաշիւ Սողոմին։ «Արհաւրանաց», տագնապի հզօր աղօթք, որ, ուրիշներու մէջքին իր հրաշքներէն զատ, իրական հրաշքն էր գործեր, տաճիկներուն սա ոստանին մէջ, [375] Խարբերդու որբուկը պատսպարելու, պատանութեան օրերէն, պահելով զայն հայ ու անարատ իր մեծ մեղքին հակառակ, ու ծոցին մէջ իր եկեղեցիին։ «Յորժամ ոք երթայցէ ի դատարան կամ ի մաճլիսն հագարացւոյն» վերտառութիւնը ունէր նշանաւոր աղօթքը։ Ու հագարացիին փորձանքներէն ամէնէն տուն աւրողը «ուրացումն էր սրբոյ եկեղեցւոյ»…։ Դաժան մագաղա՜թը։ Որ աղօթքի վերջաւորութեան երեւան կը բերէր մանրանկար Գեթսեմանի մը, ձիթենիներով պարուրաւոր։ Զոր ցիրուցան ժայռեր կ’ընէին վիրաւոր։ Յիսո՛ւսը, լուսապսակին լիալիր ու ոսկի մաքրութեամբը ողողելով ու աղուորցնել ջանալով նոյնիսկ սեփ­սեւ դէմքը Իսկարիովտացիին, որուն կը պակսէին [376] աչքերը, ասեղով փորուած ըլլալնուն [377], մագաղաթին վրայէն։

 

Հանդիսականներէն անհասկնալին ու թեթե՛ւը՝ աղջիկը քոմանտան փաշային, իր մորթին զգլխանքին մէջ հեշտօրէն փաթթուած    --յուզումը, բազմութիւնը, տօնական համը գիշերին արձագանգ ունէին անոր գոյներուն վրայ-, ժպտուն, բերանաբաց ու մանուկ, ինչպէս կը տարազէ նման վիճակներ մեր եկեղեցին «մանկունք եկեղեցւոյ», այսօր անլուծելի, բայց ատենին այնքան յորդ, բաբախուն իր մէկ բացատրութեամբը։ Ան է մանուկը, որ չէ անցած միսին մահակէն ու ցաւին շարմաղէն։ Ան է մանուկը, որ պիտի նայի ուրիշներու տառապանքին սա անիմանալի, գրեթէ չէզոք աչքերով։ Երկրի ընդերքին, թակոյկով սենեակներու գիշերապաշտ այցելո՜ւն, որ երկու դիակի մագնիսին ընդմէջէն մօտեցեր էր մարդկեղէն զգայութեանց, ցաւին ու արգահատանքին եւ, թերեւս այդ փապուղիէն՝ զգացումներու հզօրագոյնին։ Այդ համբաւաւոր գիշերը, իր անկողինին մէջ, մահէն դարձին (այսպէս յորջորջեր էր իր խենթութեան թելադրած պատահարը), անիկա քնացեր էր միակտուր խաղաղութեամբ, առտուն զարմանալով տժգոյն այն բեռէն, որ սենեակին պատկերն էր իր ջիղերուն հիւսքին, մեռածովն ու ողջովը։ …Այն օրէն, Սողոմը իջած, պզտիկցած՝ իր մագնիսէն ու խորհուրդէն։ Նո՞ր կը տեսնէր։ Ու կը զարմանար նայիլ կրնալուն, չզգալով բարակ կրակ մը աչքերու ապակիին, ինչպէս կը տարազէր սիւրմէլի ֆաթմա ն սիրականներու նայուածքը աղջիկներու միսերէն ներս…։ Ու չէր զգար «անցնիլը տաք ջուրէ», գործածելու համար ուրիշ պատկեր մը, միշտ «սիրոյ խենթ» աղջիկէն։ Բայց անիկա բոլորովին հեռու էր իր մէջ կատարուող սա փոփոխումը ճշդիւ կատարելէ։ Ու հեռու մա՛նաւանդ իր ալ կշիռը կասկածելէ [378] սա վերջաբանին վրայ։ Անոր մայրը զգոյշ էր եղած ու պատանեկան հետաքրքրութիւնը պահած իր սահմանին։ Անիկա նպաստ չէր գտած խոհարարէն, որ կը վախնար աւելի խորունկ մեղքը սա «աղջիկին» [379] ։ Տարիք մը կայ, որմէ կը պակսի գլուխը։ Ու մինակ ծերութիւնը չէ ատիկա։ Ու կամաց­կամաց անիկա վարժուեր էր իր ըրածին բնականութեան։ Ատկէ դէպի անտարբեր մոռացումը ճամբայ կայ անշուշտ։ Սէ՞ր։ Արգահատա՞նք։ Ու ան միւս մեծ բառե՞րը, որոնք վէպերու մէջ յուզիչ են այնքան։ Կեանքին դիմաց անոնք ի հարկէ կշիռ մը ունին։ Բայց տասնվեց մտնող աղջիկները բաւական մանուկ են առագաստ ունենալու համար սիրոյ հովերուն։ Ամուսնութիւնը շատ տարբեր ոլորտ մըն է այդ տարիքէն աղջիկներու գլխուն։ Այնպէս որ, լաւ է հարցումներ դնել, բայց պատասխան չսպասել։ Չունին։ Երբ կ’ունենան, արդէն ելած են ոսկի բոժոժէն ու հարսնուկ դարձած։ Անիկա օտար էր Սողոմենց տղուն։ Վտանգի մը պարագայի՞ն։ Ո՜վ գիտէ։ Նոր կախաղան մը թերեւս շեղէր նժարին աչքը։

 

Ասոր մօտ հոգեբանութեամբ մը, սարայլը ն։ Բացի տաճկի դասական գոհունակութենէն, քիչ բան, որ զայն ընէր ընդունակ, տրամին փաթեթիքին։ Ու այդ քիչ բանին մէջ կսկի՛ծը, որուն փորձառութիւնը ունէր անիկա տարփանքի մահիճէն։ Խոհարարին ներամփոփ հայեացքը բաւ էր թելադրելու անոր եռանդը, առանց հայցման [380] պէտքի մը։ Իրենց տարփանքին ամէնէն խոր, «փրփրերախ» րոպէներուն տեսարան պիտի գար այդ կպչուն թախիծը, կատաղի ու փաղաղիչ, իբր հանգում մը, ինքնածծում մը, ստրջանք մը, տեսակ մը մկանային երկրաշարժ, վրէժխնդրական, հզօր, քրքրող, որ կը յորդէր անոր շրթներէն ու կը փշրուէր անոր միսերուն մարմարին, պալատին լոգարանէն, առիւծի մը բերանէն փրփրող տաք ջուրին նմանակ։ Ու անկարելի էր որոշել այդ պոռթկումին զսպանակը։ Մեղքին սարսա՞փը. վրէժխնդիր հաճո՞յքը. կորսուած հայութեան անդրադա՞րձը։ Իրողութիւն էր, որ այս տարրերով պրկուած, խոհարարին տարփանքը սեռային ըլլալէ կը դադրէր շատ յաճախ ու կը պղտորուէր տարերային միութեան մը մշուշին մէջ։ Այդ հոծութիւնը, ուժգնութիւնը, միսէն սա ծարաւը ու անյագ ախորժակը երկուքին ալ մարմինները կը հաւասարեցնէր` իշխանուհիին միսերը վերածելով մարդկեղէն տուփի [381] մը ընկալուչ աւազանին։ Թերեւս սա բացառիկ երանգը կը միջամտէր, այսքան երկար տեւողութեան մը վրայ պահպանելու համար պատրանքը։ Խոհարարը իր կրօնքին մէջ մնալ արտօնող լայնամտութիւնն ալ իր աղբիւրը ունէր տարփական սա արձակութեան մէջ։ Պիտի ընդունէր անոր կատաղութիւնը իր ծոցին վրայ, երբ իր տարփաւորը կը խղդէր Յուդան, հրեաները, քահանայապետները, առանց անդրադառնալու խորագոյն յուզումին, երբ կը փակէր աչքերը նուաղուն հանըմին, որ իր վրայ հիւսուող բազուկներուն բանտին մէջ ինքզինքը կը հանէր հին դարերու հեքիաթին։ Ու սիրահար ամէն կին երկրորդ կեանքի մը նպաստովը կը ջանայ հաւասար պահել իր անկողինը, ամուսնին կուշտին։ …Անիկա լաւ չէր գիտեր, թէ ինչու այս պատկերներէն կ’այցուէր սա պահուն, երբ իր առջին մարդոց մեծ ցաւերէն մէկը մարմին կը դառնար Սողոմին մօրը ձեւով։

 

Բայց սա տրամին ճակատագրական դերակատա՜րը, Սողոմենց Սողոմը, որ մատաղ տարիքին ու քայքայուած ջիղերուն հակառակ, եղեր էր այնքան «բռնուած», ծանր, սենեակ մուտքէն յետոյ։ Անիկա չկրցաւ պագնել մօրը ձեռքը, ինչպէս խոստացած էր սարայլը ին, քիչ առաջ, առաջին տեսակցութեան ընթացքին, որուն մէջ մտիկ էր ըրած տիրական կինը, կամազուրկ ու թշուառ, լողալով ամօթին ու քրտինքին մէջ ու հազար երանի տալով Մաթիկ Մելիքխանեանցին։ …Աչքերը կախ, օտար՝ ինքը իրեն, որքան շուրջիններուն, քաշուա՜ծ՝ Եղնիկին խորհուրդովը, բայց ատիկա ծածկելու ճիգով տառապակոծ՝ անիկա կը զղջար սա հանդիպումը ընդունած ըլլալուն։ Խօսքի պակասը աւելի նեղիչ կը դառնար, քանի դուրսէն աղմուկները ցածնային ու սա սենեակին անձկալից իրականութիւնը ընէին թանձր ու շօշափելի։ Այս նուաղուն էջքին հետ անոր մտքին կը բացուէին շուար սանդուխներ, դուռներ՝ որոնք կը լայննային դէպի խորերը։ Մէկէն տեսանելի, այսինքն՝ շօշափելի մահը, անոր անհերքելի խաղաղութիւնը, դադարը։ Միւսէն՝ սէրը, երիտասարդութեան ծովէն բարձրացող հզօր հիւսիսայգը։ Ուրիշէ մը՝ պարզ ու իրաւ կեանքը, ա՛ն՝ որ տղուն ու պատանիին բուսական աճումովը, վայելքներովն է պայմանաւոր…։ Բառե՜ր, բառե՜ր, բառե՜ր… տեղն է գրելու։ Ի՞նչ գործ ունէր հոս։ Ու հեքիաթի սեղանի մը պէս, զոր ոգիները րոպէաբար կը շտկէին աշխարհին բիւր համադամներովը, ու կը մաքրէին րոպէաբար՝ տեղը ուրիշ մը յարդարելու, անցաւ անոր գեղը, լման, իբր ջիղ ու ապրում։ Անոր աչքի շեղ գիծին մօրը լաչակը, իրենց բառով՝ չէմպէր ը, կապոյտ ուլունքով, պատմութիւնը անոր նոպաներուն, երբ կ’առնէր հասակը [382] ու կը զարնէր գետին, ճուալով ու ճուալով…

 

Բայց այս տրամին ամէնէն եղկելի նոխազը, կի՜նը Սողոմենց արդար Հայրապետին։ Որ չէր կրնար հաւատալ, համոզուիլ իր մանչուն՝ զայն գտնելով լերան չափ մեծցած։ Այսպէս է գիծը մայրերուն։ Զաւակ մը ամէնէն առաջ մարմին է անոր աչքին։ Թո՞ւրք։

 

-- Հարիւրով վկայ էր հարկաւոր, մօտի սա անուշիկ, խելօք, ամչկոտ պատկերէն բարձրանալու համար խուժդուժ յղացքին, որ թուրքն է մեր ամէնուն հոգիին մէջ, կենդանի ու անջինջ մղձաւանջ, դարեր դարերով։

 

Յետո՞յ։

 

Քիչ­քիչ մաշեցաւ սրութիւնը սա հանդիպումին։ Օտար ու անըմբռնելի իր նկարագիրը կը ծանրանար, կը մասնաւորուէր, վերածուելու համար շատ յստակ զգայնութեան մը, որ մահամերձին անկողինը, սենեակն է, ամէն գիւղացիի ուղեղին։ Մահը ամէնօրեայ իրականութիւն է հոն, ու անոր հաղորդ են մեծն ու պզտիկը։ Սողոմենց կնիկը ինքզինքը գտնել կը զգար մահամերձի մը գլխուն, մուտքէն յետոյ քահանային, որ մետաքս ու ոսկեթել ծածկոյթէն դողալով կը բանար սրբատուփը ու Տիրոջը մարմինը կը մօտեցնէր պառկողին ա՛լ կարկամած շրթունքներուն։ Ու, հետեւող՝

«Մնայք [383] խաղաղութեամբ» ը…։

 

Անշո՜ւշտ։ Հիւանդը հաղորդելէ ետքը տէրտէրը այս բառերով կը յանձնէր մնացողները Աստուծոյ մխիթարութեան…։ Անոր դուրս ելլելովը կը բացուէին դէպի մահիճ քայլերը դրան սպասող հոգէառին։ Կարդալ դիւրին է այս ամէնը։ Բայց չափե՜լ։

 

Վախնալով, շուար, ասեղ­ասեղ խթանուած վերի կզակներու ծխնիէն՝ անիկա բռներ էր մանչուն մատներէն։ Դէմքին քրտինքին հակառակ երկաթի պէս պաղ այդ մատները հաստ­հաստ կճեցին անոր սիրտը։

 

-- Ինչո՞ւ պաղ են մատներդ, օղո՛ւլ։

 

Սողոմը չկրցաւ նայիլ իր մօրը։ Կուղպ՝ անոր կզակները։ Բարակ դող մը թաց մազերը կը զատէր քիչ­քիչ իրարմէ։

 

Անոր մայրը կամացուկ, նոյն վախով, մատներէն ելաւ դաստակներուն։ Ջո՛ւր։ Անզգալաբար անիկա կը մարձէր տղուն միսերը, իբրեւ թէ ըլլար ատիկա ծանր հիւանդութեան մը անկողինին։ Մայրական սա գգուանքը, որուն նեարդներուն մէջ քսանի մօտ տարիներ պահ էին դրուած։ Օրան ու մանկութիւն։ Ցաւեր ու երազներ։ Ինչե՜ր չեն ծաղկիր [384] մայրերուն մատներէն, երբ կը պտտին զաւակներու մարմինին։ Այս զգայութիւնը անցա՞ւ տղուն ալ հոգիին, որպէսզի համարձակէր նայիլ մօրը աչքերուն, ուր անիկա գտաւ, չափազանց յստակ, այն անյատակ թախիծը, որ գամուած էր ուղեղին, երբ հօրը նոր գոցուած գերեզմանին վրայ հողին գուղձերը տեղաւորող ծերը, թեթեւ մը հառաչելով, շտկեր էր մէջքը, բռներ ձեռքէն ու մօտեցուցեր խելագար իր մօրը: [385] Ինչպէ՜ս [386] պլլուած էր այրին [387] իր առջինեկի վիզին։ Քալեր, տուն դարձե՞ր էին։ Ինչպէ՜ս [388] նստեր էին ամայացած սենեակին մէջ, պզտիկներուն միամիտ տրտմութեան անուշադիր, բայց անկէ ծածկուած անգամ մըն ալ։ …Այսպէս պիտի գան մեզի մեր տառապանքները, տիրական ու արհամարհոտ։ …Անոր միտքը դարձաւ պատկերէն։ Ու ինք երկարում մըն էր սա սենեակէն դէպի հօրը սենեակը։ Մեր յիմարութի՜ւնը, տարազի կապելու տեւողութեան անհասութիւնը, այնքան վեր մեր կորնչական ու ճիղճ տեւումէն, որքան ինքը, գլխագիր Խորհուրդը, մեզ պարուրող, բայց մեզ նուաճող գործիքներէն հետզհետէ հեռացող Անծանօթին…։ Երկու տարիներ սահեր էին պատկերին վրայէն։ Բայց անոր մօրը աչքերուն խորը ահաւոր պատկերէն թել մը բան չէր ճերմկած։ Աւելի ճիշդը՝ գերեզմանի մը կուշտին իր ընելիքին անգէտ կինն էր անիկա նորէն։ Ո՞վ կը թաղէր այդ մայրը։ Հարցուց ատիկա ինքն իրեն անոր տղան։ Բայց չայցուեցաւ թափանցումէն։ Մէկը առջեւէն անցուց երկու ժամ առաջուան զզուագին պատկերը, բանտի պաշտօնէութեան աղօթատեղին, որուն ցանկապատ պատշգամին, անիկա մերժեց իր վարդապետը   --յետոյ քահանայ-, թաղականները, յայտարարելով, թէ չէր ճանչնա՜ր զանոնք։

 

Մա՞յրը։ Ու տեսա՞ծը։

 

-- Ա՜ն էր։ Մանչը, առջինեկը, պիւլպիւլը…

 

Բայց ոչ՝ հօրը հողքին վրայ։ Այլ՝ ողջուցը։ Դպրոցէն դարձին։ Իրենց քահանային պատուհանին   --ուրկէ մեծկակ էջ մը գիրքի պէս բլուրի թափին փռուած էր գերեզմաննոցը, քարերովն ու կոյտերովը հեգելով անծանօթին մեծ պատգամը--   շրթներէն կախ մելանուշ սաղմոսը՝

Դարձ անձն իմ ի հանգիստ քոյ, զի Տէր կոչեաց զքեզ…

 

որ հանգստեան կարգին անմարդկային խժդժութիւնը կ’աշխատի մեղմել ու կատարուած ողբերգութեան մէջ կը դնէ յոյսին կանանչ ճիւղիկը, աշխարհէն մեր չգտածը երկինքին մէջ վերագտնել մղելով մեր զահանդած երեւակայութիւնը։

 

Ա՜ն էր, իր մանչը, հօրը մահէն բաւական մը ետքը, գիշերը այն առտուին, երբ պիտի մտնէր ծառայ Նալպանտենց շեմին։ Ինչպէ՜ս, նոյն պատուհանին, աքաղաղներուն կրկնակի կանչէն ալ ետքը՝ անիկա շարունակեր էր քաղուածքը բոլոր շարականներուն, ցած, մութէն բուսած բերնի մը նման, լման թաղը յուզելով հզօր յուզումով, բայց մա՛նաւանդ մայրը, իր մեծ աղջկան փաթթուած, բարձին երեսները լուալով երկուքով…։ Շարժումը օրէնքն է կեանքին։ Դէմէ դէմ մարմինները պիտի ծեծուին անպատճառ, ներկային պակսած ատենը, անցեալին բանակներովը։

 

Պագ ճակատէն։

 

Սարա՜յլը ն։

 

Որուն հրամանը զայն ետ կանչեց հեռաւոր, բայց տարօրէն կենդանի, ըսես դեռ երէկ պատահած այդ տեսարանէն։ Մահը նոր կը մեկնէր անոնց տունէն, այն ատեն, ինչպէս հիմա։ Ամէնօրեայ ցաւը, գերեզման այցը, գործին մէջէն մեռնողին գովքը թափող ձայները կը միջամտեն յիշատակի սա պահպանումին։

 

Օր չ’անցնիր, որ աս ու ան ձեւով տիրական մեռելը չկանչուի՝ բաժին առնելու ողջերուն հաճոյքին ու լեղիին։

 

Անիկա շփեց աչքերը։ Վա՛խը՝ նայելու սարայլը ին, որ հոգէառի իմաստ մը հագաւ կարճ իր նախադասութեան մէջէն։ Ու վախին կապուած ջլատող լքումը։ Ուրիշ ամէն լքումի դէմ մարմինը հակազդեցութեան ճիգ մը կ’ուրուագրէ իր ալքերէն։ Մահուան դէմ անկարող է ատոր։ Խուսափելու համար հանըմին անձէն, նայեցաւ մանչուն, որ դեղներ էր, Խաչելութեան պատկերին տակ դրուած մարդահասակ ու ուխտով մը նշանաւոր մեծ մոմին պէս։ Ու առաւ անիկա հոտը [389] անոր մարմինին, այն անջնջելի ու անտես շղարշը մանչերու միսին, որ մայրերու հոգետունին կը պահուի անաղարտ ու չսպասուած պահերու կը բուսնի, ջուրէն ելլող դոնդող բանին [390] պէս…։ Երբ տեսաւ, որ հագուստները իր կարածը չէին՝

 

-- Հալալ ըրէ կաթդ…

 

Պարտաւորուած՝ մայրը դարձաւ տիկինին։ Ի՜նչ գեղեցիկ էր շղարշը անոր միսերուն։ Ո՞վ էր բաներ խենթեցնող այդ շնորհը այդ միսին թելերուն խորը։ Ու չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը տպաւորուէր այդ կէս­բաց կարմիրով, որ թրքուհիին այտերը կ’ընէր սրտառուչ։ Ու կարծեց տեսնել անոր ճակատին անսովոր ալ բան մը, մանր, յուզման հովէ մը տարուբեր։

 

-- Զաւակդ է անիկա։

 

Այո՞։ Ըսողը՝ ա՜ն՝ որ կ’առնէր իր ձեռքէն։

 

-- Զաւա՜կս, զաւա՜կս, զաւա՜կս։

 

Բայց՝ դէ՛մը։ Ինքնիրեն։ Բայց շեշտի այնպիսի՛ այլուրութեամբ մը, որ տպաւորեց բոլորը։ Ո՞վ մեզ կը փոխադրէ մեր ձայնին։ Ու ո՞վ՝ մեզ կը պարպէ անկէ, նոյն րոպէին։

 

Փորձեց բարձրանալ։

 

Աթո՞ռը փակած էր իրեն, թէ սրունքները փրթեր էին իրենց կապերէն։

 

Իրողութիւն էր, որ թմրեր, «փատ­փատ» էին դարձեր անոր ոտքերը, ինչպէս սովոր էին կամացուկ շշնջել իրարու, հեռու գեղին մէջ, հոգեւարքի «սնարքին», երբ վերմակին տակ, մահամերձին մեծ մատէն (ոտքի) մահը կը մտնէր, ու կը մտնէր հակառակ ամէն դարմանի, շուտով կը պաղեցնէր միւս մատները ու, գլուխը առած՝ կը շուլլուէր վեր, կոճերը, յետոյ՝ բումբերը ու կը նստէր, ըսես շունչ առնելու, ծունկի ոսկորին, իր անցած տեղերուն վրայ երկաթ դնելով։ Մահուան սա անդիմադրելի յարձակողակա՜նը, որ կը մնայ անջինջ կիներու թանկ զգայութեանց գանձարանին։ Մեր գեղերուն մէջ մահը հասարակաց սեղան է։ Անոր կը կանչուին կիները, այսպէս մօտիկէն շփուելու ու այս գիտութիւնը զանոնք ըրած է այնքան քաղցր ու իրերահոս։ Չկայ դաս մը այնքան խորունկ, որքան հոգեւարքը, որքան մահէն ետքը մնացողները ամոքելու պարզ զոհաբերումը։ Ամէն մարդ կու տայ իր կրցածը։ Երկունքի մահիճէն չարթնցած մեկնող մայրը ի յառաջագունէ ապահով է իր ձագուկին ապրելուն, հարսներուն ծիծովը, որոնք պիտի տրամադրեն իրենց կաթը որբուկներուն, առանց հաշիւի ու սրտանց, մեծնալով իրենց հոգիէն ու մեծցնելով։

 

Անիկա վախցաւ սակայն կոխելու գարշապարին, որ փշրուած ոսկորի կը նմանէր, ինչպէս էր այդ թմրումին մտապատկերը իր մէջ, բայց երկարեց ձեռքը ծունկի գունդին, որ սանդի քարի մը պէս դպաւ իր մատներուն։ Տա՞ք։ Պա՞ղ։ Չէր կրնար ճշդել։ Բայց իրեն այնպէս եկաւ, որ երկարող իր թեւին մէջ ալ երկաթ թելեր էին, որոնք յօդուածներուն, իր բառովը՝ խաղերուն հանգոյցները կը հիւսէին մամուկ­բունի [391] նման, մրջիւն­մրջիւն, եռուն ու անհատնում։ Շարժումի սա վախը այնքան յստակ էր, որ խոհարարը փութաց անոր անութին, սարայլը ին ակնարկովը։

 

Այդ օգնութեամբ, քիչիկ մը ամրացած իյնալու իր վախին մէջ, բայց հիմնովին խեղճ ու ջնջուած՝ անիկա յաջողեցաւ կեցնել իր մարմինը ոտքերուն վրայ։ Կը դողար, քայլ ելլող տղու անփորձութեամբ։ Աւելի անմեկնելին՝ մտածելու իր անընդունակութիւնը։ Ինչո՞ւ ոտքի, երբ կրնար տղուն ճակատը քաշել իր շրթներուն։ Այս կարելիութիւնը մտածում չեղաւ սակայն։ Անիկա ոտքերէն աւելի վախ ունէր գանկէն, որուն պատերը կակուղ կու գային։ Ըսես ոսկորի տեղ կրճիկ ըլլար, առաձիգ ու ընկրկուն, թասը իր գլխուն։ Յետոյ զգաց մեծկակ կայլակ մը բան, որ պտղեցաւ իր ծոծրակի փոսիկէն քիչիկ մը վեր։ Ցա՞ւ։ Ջո՞ւր։ Կրա՞կ՝ սա բաբախումը, որ պուտ­պուտ կը շինուէր, կը փլէր, կը պոռար ու կը լռէր, երբեմն անհամեմատ լայննալով, մինչեւ ոտքին մեծ մատը հասցնելով իր այրուցքին գիծը։ Ինք իրմէ աւելնալու, իր մասերուն մէջ փոխադրուելու սա շատ ուրիշ զգայութեան կը յաջորդէր ուրիշ մը, քիչնալու, սեղմուելու, իր ուժերէն քամուելու անհուն յոգնութիւնը, իրական իր սպառումը։ Հոգին մեծ յուզումներու դիմակալումը կ’ընէ, անշուշտ ուժի մեծ վատնումով։ Տագնապի պահուն գիտակցութիւնը չունինք այդ աշխատանքին։ Բայց կու գայ րոպէն, երբ այլեւս բոլոր մեր պահեստները կը հալին ու մարմինը կը կործանի րոպէական քայքայումով։ …Թերեւս կանխող ամիսներու տաժանքն ու սպասումներն էին պատճառ, որպէսզի անոր շրթները առանց բառի խոնարհէին տղուն ճակատին։

 

Թաց, քրտինքով ոլոռ­ոլոռ այդ ճակատը պաղ էր, ինչպէս ճակատը Աստուածորդիին, գեղի ժամու խաչքարին, որ կանանց դուռի քառանկիւն շրջանակին էր քանդակուած եւ, որուն համբոյրին երկարելու էին բոլոր աղօթուորները մուտքին ու ելքին ` տանելով իրենց միսերուն մէջ խուլ ու պաղ սարսուռը խաչուած Աստուծոյ տառապանքին։

 

-- Ըսէ, ըրէ հալալ։

 

Սողոմենց հարսը վեր առաւ աչքերը։ Անոնք չունէին ճերմակ ալ, սեւ ալ։ Արցո՞ւնք։ Չէր կարելի այսպէս անուանել թանձր, բայց կիսհալ եղի պէս բանը, որուն մէջ բռնուած էին անոր թարթիչները։ Նայուածք չէր կրնար ըլլալ անոնցմէ։ Րոպէ մը։ Ու պուտը քամուեցաւ վերջապէս։

 

Ու, ինչպէս կը պատահի մեռելի գլխուն, անցաւ արցունքը, անզգալաբար, միւսներուն ալ։ Եղան աղուոր աչքերը Եղնիկին թաց ու տաք։ Եղան խորունկ աչքերը հանըմին փակ։ Բարակ ջուր մը անոր թարթիչները սոսնձեց իրարու։ Խոշոր ու կայլակով, այդ արցունքը, խոհարարին քիթէն անգամ։

 

Բայց արցունքը փոխուեցաւ հզօր, խղդիչ հեկեկանքի Սողոմին վրայ։

 

Թեւերը դրած մօրկանը երկու ուսերուն, ամօթէն թէ ցաւէն՝ ինքզինքը խորտակելու չափ պրկած՝ անիկա թաղեց շրթները անոր պլուզին ուսածալքին ու պայթելու գնով ջանաց իր ձայնը խնայել իր շուրջին։ Անոր իրանը կը ցնցուէր այդ ճիգին ներքեւ։ Ու տեսան, որ շունչ կ’առնէր լեզուին ծայրովը։ Մաքառումը երկար չտեւեց։ Ընկրկումէն աւելի զայրագնած, փղձկում մը կը տապալէր անոր ընդդիմութիւնը։ Անիկա պարպեց իրմէն դուրս, չորս անհուն ամիսներու թոյնն ու լեղին մօրկանը ծոցին։ Կու լանք արիւն, ժանգ ու անկում, բայց կը զովանանք։ Մինակ մահուան դէմ զուրկ ենք այդ սփոփումէն։ Թերեւս ատ է պատճառը բացառիկ այն համին, որ մահուան լացը կը հիւսէ մեր զգայարանքներուն այնքան տարբեր բաղադրումով մը։ Անոր հոգին չէր կշտացած։

 

Մայրը սակայն գրեթէ ուրա՜խ, սա հեղեղին դէմ։

 

Օրրանի տղու մը պէս, անզգայ ու հեռու մատներով՝ անիկա կը շոյէր տանջահար անոր ճակատը։ Ու կը համբուրէր, իրարու ետեւէ, անոր թրջուած, կծու հոտով մը շաղահիւս մազերը։ Ու չէր կշտանար։ «Ցաւը աղ է, ցաւը անկուշտ է» ըսեր է մեր գեղացին, անշուշտ մտքի առջեւ ունենալով սա պատկերները, որոնք թատերաբեմի փոքրութեամբ   --գեղը մեծկակ տուն մըն է, անջատ բնակարանները սենեակներն են այդ մեծ տունին--    աւելի կը զօրանան, կը բեւեռուին երբեմն։

 

-- Հալալ ըլլայ կաթս…

 

Չկրցաւ լրացնել։ Անոր բերնին հետ կէս մնաց «ցաւ»ը [392] ։ Վասնզի կոկորդին կլորցած էր ախտին [393] գունդը։ Ոչ մէկ ատեն այնքան կատղեցաւ անիկա այդ կծիկին դէմ, որքան հոդ։ Խոհարարը թօթուեց անոր գլուխը աջ ու ձախ։ Այս շարժումը փարատեց կծիկը։ Տեսան, որ լացէն ազատուեր էին աչքերը։ Անիկա լրացուց՝

 

-- Զաւա՜կս։

 

Զովացա՞ւ։ Թեթեւցա՞ւ։

 

Ու կրկնեց.

 

-- Հալալ ըլլայ։

 

Ու չէր գիտեր, թէ իր կաթը կը բաշխէր տղուն, բոլորովին անկախ կերպով սարայլը ին պատգամէն, որ այդ րոպէին աւելի չէր արժեր, քան տարեկից, վիճակակից կին մը, միշտ գեղը, սիրեկան մեռելի մը գլխուն։ Ու չէր գիտեր, թէ իր մօտալուտ մահուան (գեղ դարձին, ամիս մը ետքը՝ անիկա պիտի մեռնէր խենթեցած, էրկանը հողքին վրայ ձիւները դիզելով ու ինքզինքը մէջը թաղելով) մերձազարկ ազդմունքին ներքեւ, անիկա իր երակներուն մէջ շինուող կեանքն էր, որ ամբողջովին փոխանցեր էր մանչուն, բաշխելով ետ ինքզինքը, բերնէն, մազերուն փունջերէն դէպի տունը տղուն հոգիին։

 

Բացուեցան կապերը անոր լեզուին՝

 

-- Հալալ ըլլայ։

 

Գրեթէ երջանիկ՝

 

-- Ծլիս ու ծաղկիս։

 

Դիւրին, անուշիկ բառերով՝

 

-- Կանչընաս, աճիս։

 

Անուշ, եղկ, հարսնեւոր՝

 

-- Թոռանդ թագը պագնես։

 

Ու չէր գիտեր, թէ այդ բառերով անիկա հարսնիքի խորհուրդը կը կատարէր տղուն գլուխին, փեսայ իր մանչուն ճակատը համբուրող շէն, հարսնեւոր շրթներով։

 

Անոր դէմքին ճառագայթումը չունեցաւ անդրադարձ միւսներուն վրայ, որոնցմէ հայը մոռցեր էր խորհուրդը, զգայութիւնը երկրի նախնական արարողութիւններուն   --հալաւ­օրհնէք, փեսա­հագուստ, եւայլն--   քաղաքի հարսնիքները ատելով, իրենց անհարազատ հանդիսանքին պատճառով, աւելի ճիշդը՝ իր իսկ խղճմտանքին խայթովը փախչելով անոնցմէ, իբրեւ դաւաճան մը, որ իր կարգին դէմ էր ելեր, իր սերմը ծախելով տիւշման ին արգանդին։ Որոնցմէ թուրքերը հարսնիքին մէջ ուրիշ բան կը զգան ու կը գտնեն։ Ամէն հարսնիք թուրք աղջիկին համար սկիզբ մըն է, որուն ծայրը այնքան անակնկալ ու վտանգ կը սպասեն իրեն։ Հարսնիքէն կը սկսի թրքուհիին վաչկատուն կենցաղը, էրիկէ էրիկ, միչեւ պառաւութիւն։ Այդ թուականին այրերը շապիկ փոխելու պէս կը փոխէին իրենց կնիկները։

 

Անոր դէմքին սա պայծառացումը զանոնք ըրաւ աւելի գրկող, աւելի սեղմուած։

 

Անիկա չէր վերցուցած տղուն գլուխը իր ուսէն։ Ու կ’ընէր այդպէս կորսնցուցած ըլլալով տեւողութեան զգայութիւնները, որոնք մեզ կը զետեղեն միջոցին ու ժամանակին մէջ։ Տաճկընա՞լը։ Ինչպէս՝ հիւանդութեան մը վերջաբանին, մա՜հը, որ կը թանձրանայ մէկէն, տունին պատերը, ձեղունն ու տախտակամածը կ’ըլլայ, մէկ­երկու րոպէի մէջ։

 

-- Յիսուս Քրիստո՜ս հետիկդ ըլլայ, ձագուկս։

 

Լայն, լայն համբուրելով։

 

Ըլլար իրենց գեղը, տղան Զատկի առաւօտով ժամը պիւլպիւլի պէս երգի ղրկող մայրը Սողոմին, երբ լիովին մութ փողոցի դրան, կը համբուրէր տիրացու մանչուկը ու կը հանէր սեմէն դուրս, խաչակնքելով կը հետեւէր անոր ոտքին զարկերուն, խաւարը [394] փերթ­փերթ պատռող, մինչ գլխուն վերեւէն կը ճամբորդեն ալիքները զանգակին, լայն, մեծ, սրտոտ ու բարի։

 

Յետոյ ամրացաւ անոր լքուն մարմինին վրայ։

 

Մայր ու տղայ, այսքան տառապանքներէ ետք, իրարու կը փոխանցէին ով գիտէ քանի՜ հարիւրով տարիներու աւիշ ու հայութիւն։ Անիկա մոռցեր էր տաճկութիւնը։ Տղա՞ն։ Իրմով գօտեպինդ։ Անոր ծոցին, սա մարմի՜նը, զգայութեանց հասկնալի աղաւաղումով մը։ Անոր ծոցին, իր մա՜նչը, որ պիտի կանգնէր հօրը արիւնը [395], իր ճամբով ու պիտի վառէր օճախը, հայր դառնալով որբերուն ու մօրը։ Ա՞ն։ Թէ ուրիշ մը։ Ու անոր բազուկները սեղմեցին անոր իրանը։ Ուժի այս գիտակցութիւնը անդրադարձաւ բարեբաստ ձեւով մը սպառելու աւելի շուտ տրամադրուած մօրկանը վրայ, որուն բառերը ելան գոլուտ ու դոնդող իրենց կշիռէն ` ըլլալու համար պինդ, հաստատ, ոսկորոտ։

 

-- Սուրբ Սարգիսը հասնի քեզի։

 

Որ երիտասարդներուն բնական պաշտպանն էր, առեւանգիչը Հ[ո]ոռմի գրալին [396] [աղջկան] [397], ինչպէս կը պատկերէր իւղանկարը, զայն բերելու համար Համազասպ իշխանին։ Ո՞վ էր շինած հեքիաթը, ու հիւսած անոր մէջ սա սիրային դրուագը, գտած՝ անունները նկարի հերոսներուն, երբ ոչ մէկ յիշատակութիւն կար այդ ուղղութեամբ։ Ժամուն պահարանը վտարուած այդ նկարը, հաւանաբար աշխարհիկ ներշնչումով, պոռոտ գործ մըն էր, որուն մէջ գեղանի երիտասարդ մը գեղանի աղջիկ մը զարկած էր ձիուն քամակին, սուրը շողարձակ կը թռէր երիվարին շարժումովը դէպի մթին անտառ մը։ Ո՞վ էր բերեր անիկա նուէր։ Ծերերը կ’անգիտէին ատիկա, որքան ժամուն հին տետրակը։ Անգամ մը ժամ ընդունուելէ ետքը սրբացեր էր անիկա։ Ամէն աղջիկ անշուշտ աչքի տակով չափած էր ոսկեգոյն մազերով այդ ձեւը, դէմքը ամօթէն թէ վախէն ետ, մինչ թեւերը ամրօրէն կը հիւսէին սուրբին մէջ[քը] [398] ։

 

Աղուոր էր անիկա իր մորթէն, ու տրտում՝ աչքերէն, ինչպէս ըլլալու են բոլոր ձի հեծնող աղջիկները [399] ։ Ամէն տղայ կը սիրէր, աղջիկէն աւելի, երիտասարդին շքեղ երիվարը, որ տիրական անձն էր նկարին…։ Մեր կեանքը ի՞նչ չափի [400]  չգալիք աւազներէ [401] է շինուած, որպէսզի այս գիծէ եղերական դրուագներ մշուշուին սա յիշողութեանց ծուէններով։

 

-- Սուրբ Լուսաւորիչը աջը ընէ հովանի…

 

Երբ՝ հսկումի գիշերներուն, դողալով կը հանէր տղեկը դուրս իր շեմէն, ետեւէն դնելով հայրը, մինչեւ ժամ։ Զուր տեղը չէ, որ մութին վրայ, չարքերու զօրութեան ու Նեռին կայսրութեան օրերուն, հսկումը ձրի կամ տժգոյն բառ մը չէր մեր հոգիներուն վերեւ։

 

Այս մաղթողականը, զոր զօրաւոր ողջագուրում մը կ’ընէր կենդանի ու արտայայտիչ, հակառակ իր հայերէնին, գրեթէ հասկնալի դարձաւ այլազգներուն։ Ամէն մէկ դադարի, անոր դէմքին կը բացուէր գօտին նոր արձակութեան մը։ Այս թեթեւացումը հաճոյք մըն էր բոլորին համար հաւասարապէս։

-- Սուրբ հրեշտակապետը նեղ օր չտայ քեզի, ա՛յ իմ աննման, իմ պիւլպիւլ զաւակս։

 

Գեղի եկեղեցիին հզօր անունը տուող հզօր պե՛տը՝ «երկնայնոց» բանակներուն։ Որուն սուրին «արագահաս» օգնութիւնը հաստատած էր գեղացին, այնքան անգամներ, զէնքով գրոհները խորտակելով ժամու հրապարակին ու պահելով «արդարն ու մեղաւորը» տաճիկին ամօթէն։ Մեծ աղէտի տարիներուն մարդիկ անոր նկարը քրտնած կը գտնէին, աչքերու փոսիկին ալ՝ գունդ­գունդ արցունք։ Ինչո՞ւ կու լար հրեշտակներուն պետը։ Հայերը հարցուցին ատիկա այնքա՜ն անգամներ…։ Բայց հակառակ կոտրած իր սրտին, հրեշտակապետը կը պաշտպանէր իր անունին ապաստանած թշուառ ադամորդիները, որոնց մեղքը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ապրելուն մեծ մե՜ղքը, գրուած անոնց ճակատին ու դրուած՝ վիզին, դատակնիքը՝ հայ ապրելուն։

 

Յետո՞յ։

 

Սպառա՞ծ՝ շարքը սուրբերուն ու անոնց անունին հանգուցուած մաղթանքներուն։ Գեղի եկեղեցին երեք պատերուն բանակ մը մարգարէ ու առաքեալներ ունէր, ամէն մէկը իր զօրութիւնովն ու յատուկ խնդրակատար օրովը։ Խորաններուն՝ նոյնքան նկարներ։ Գաւիթներուն ու պահարաններուն փտած էջերով մեծ գիրքերու պէս ետեւ ետեւէ դէզը ա՛լ մեռած սուրբերուն։ Ամէն մէկուն ցաւ մը, երկրաւոր [402] «տարտ» մը բուժել [403] հարկ դրուած։ Սողոմենց հարսը կոկորդը բռնեց։ Հոն կ’ուռէր իր ցաւին խնձորը, շունչը անկարելի դարձնելու աստիճան։ Նոյն ատեն մարմինին խորը մութի, անէացման այն մթնոլորտը, որուն մէջ կ’ընկղմէր անոր տառապած անձնաւորութիւնը, գլխակործան հոգիովն ու մարմինովը։ Անիկա տակաւին հեռուէն կը նախազգար այս անտես փոթորիկը։

 

Վերցուց գլուխը, դագաղէն բարձրացող մեռելին տժգունութեամբը։ Իրաւ ալ մեռելի աչքեր էին այդ նայիլ չունեցող ապակիները։ Ո՞ւր էր փախած անոր արիւնը։

 

Յետոյ տեսան, որ չէր կրնար ծոծրակին վրայ կանգուն պահել գլուխը։ Ու նայուածքին տակ դիակի գորշութեամբ կապտաւուն բան մը (անոր աչքերը կապոյտ էին ու կը պահէին իրենց քաղցր գրաւչութիւնը այդ աւերակ դէմքին վրայ)։

 

Աւելի ետքը տեսան մարմինը, որ հակեցաւ աջին։

 

Հպատակ՝ այդ հոսումի ազդեցութեան, անոր տղան կոտրեց իր ծունկերը, կործանող այդ փլատակին մատուցանելու համար ամրութիւնը իր մէջքին։ Սի՜ւնն էր անիկա Սողոմենց օճախին։

 

-- Պտիկ մը ջուր…

 

Հազիւ կրցեր էր արտասանել։

 

Ու մեղմ, առանց տանջանքի կնիքի, գոցուեցան անոր աչքերը։ Տժգոյն անոր քունը շփոթելի էր մահուան։

 

Անոր մանչը առաւ այդ գլուխը իր ծոցին։ Կու լա՞ր, թէ արագ իր շնչառութեան հեւքը այդ տպաւորութիւնը կու տար շուրջիններուն, որոնք յոգնած սա տառապանքին հաշւոյն, կը թուէին անհամբեր դուրս գալու այդ մղձուկ եղերաբեմէն։

 

Ընդարձակ ապարանքին մէջ կեանքը կը շարունակէր իր գնացքը, նուագով, փողով ու երգով։

 

 

Երբ արթնցաւ, մինակ էր խոհարարին հետ։

 

Անոր զգեստները թաթխուած էին դեղի [404] այն հոտին մէջ, որուն վարժուած էր անիկա իր գեղէն։ Լոգմանի հոգի ն [405] ։ Անդրադարձաւ, ինչպէս կը պատահէր ատիկա ուրիշ անգամներ, իր նուաղումին։ Տարտը բռներ էր զինքը։ Ու զգաց, որ ենթարկուած էր մարձումի, եթերով ու սոխով ալ ռունգերէն ճմռումի։ Սողոմը, անշուշտ կատարողը սա դարմաններուն։

 

Ո՞ւր էր հիմա անիկա։

 

Հարցուց ինքզինքին, բայց վախցաւ Աւետիսին կրկնելու զայն։ Կ’ամչնար ի հաշիւ տրտում բաներու, որոնք կրնային փախած ըլլալ կուղպ իր շրթներէն, ինչպէս էր պարագան այնքան յաճախ, գեղը, ցաւին նոպաներուն։

 

Խոհարարը, ոտքի, ձեռքերը խրած [406] գօտիին, մեռել մը թաղող պապայի անկանգնելի կործանումովը։

 

Այս կեցուածքը զայն դարձուց միւս իրականութեան։ Իր մանչուն հետ վերջին ողջագուրումը գծուեցաւ անոր մտքի դաշտին, լուսազօր ու խորունկ։ Կտոր­կտոր քաշուող բան մըն էր այդ պատկերը, որուն զգայութիւնը կը պահենք մեր կէս երազներէն։ Սողոմենց հարսը դեռ իր ծոցին կը կարծէր առնել քաղցր բեռը մանչուն գլուխին։ Անիկա ձեռքերով տեղաւորեց իբր թէ բացուած կուրծքը։ Յետոյ՝ նկարը վերցուցին անոր աչքերէն։ Տեղը բերուածը սա լռին սենեակն էր, բայց իր իմաստին ամբողջ եղերականութեամբը։

 

Նորէն ամչցաւ մանչը հարցնել խոհարարին։ Բայց այս ծփուն մտածումները, թերեւս արտակարգ իր մտածումներուն ենթակայ, փոխանակ ճշդուելու՝ կը տարտամէին ու ինք չունէր ուժը ատոնք սեւեռելու։ Անկայուն ստուե՜ր՝ սա մանչը, անոր ուղեղին։ Մեռա՞ծ։ Փախա՞ծ։ Ո՞ղջ։ Պիտի հարցնենք այս երանգները մեզի, երբ գերեզմանը կը փակենք մեր սիրականներուն ու չենք հաւատար, չենք կրնար հաւատալ հողին յանձնուած անճառելի բանին, որ կեանքն էր շաբաթ առաջ, այդ կապուտցած միսերուն մէջէն մեզի երկարող, մեզ ողողող։

 

Չհարցուց միւսներն ալ, տարօրինակ կերպով իրական, հաստատ գիծերով. աղջիկը՝ իր միսին ճերմակ մուշտակովը. մայրը՝ անորակելի այն արտայայտութեամբ, որ մեր դէմքը կը բռնէ մենէ անկախ։ Ու կատարեալ յստակութեամբ սա պատկերները վիրաւորող ալ բան մը ունէին անոր համար։

 

Պալատը, խուլ, խոր, մօտ ու հեռու աղմուկներու մէջ։ Բազմութեան շեշտ զգայութիւնը անցեր էր նոյնիսկ պատերուն, որոնք կը թուէին լեզու ելած ըլլալ։ Ամէն զարկ ոտքէ, առարկայէ, կը թրթռար արտակարգ իրականութեամբ, աճելով յանկարծակի ու զարնելով անոր արիւնաքամ ջիղերը։ Ու վիրաւորիչ էին խրխինջները, նոյնիսկ սմբակները։ Չէր գիտեր անիկա, թէ պարզ այս աղմուկները ո՛ր հրաշքով կ’առնէին սա բզկտող սրութիւնը անոր ականջներէն դարվար։ Կառքեր, թափուած ընկոյզի աղմուկովը, աւրուելով ու նորէն դառնալով ու, մա՛նաւանդ՝ չհատնելով։ Տեւումի, առատութեան սա տպաւորութիւնը անոր մէջ վերածուեցաւ վերի սրահին փարթամ բազմութեան։ …Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ հաւաքուած էին այդ աղաները, պէյերը, փաշաները։ Ու բացուող ու գոցուող դուռներու կշռոյթին հպատակ տեսակ մը երաժշտութիւն, իրեն անծանօթ, բայց մօտ անոնց, որոնք մուրացիկներու բերանով կ’ընդհանրանային գեղին մէջ ու կ’ապրէին քանի մը լեցուն շաբաթ։ Դո՛ւրսը, վե՛րը, հեռո՜ւն, այս ամէնը։ Բայց այնքան ալ մօտ։ Ըսես ամէն բան կատարուէր, տեղի ունենար անոր գանկին վրայ։ Կառքերու անիւները այդ կտոր մը ոսկորին շուրջ էր, որ կը դառնային ու կը դառնային։ Ձիերը կը պոռային անոր ականջին մսուրքէն։ Երգերը կը կախուէին անոր մազերէն [407] ։ Եւ սակայն առջին, քովը, մահուան լռութեամբ, խոհարարը։ Գիշե՞ր։ Ցերե՞կ։ Լամբարին մեծ լոյսն ալ կը թուէր ճերմկիլ, դալկանալ ու փախչիլ իր ընտանի իմաստէն։

 

Յօրանջեց։ Արցունքին աղին ըրաւ փոթ­փոթ անոր դէմքը ու համակրօրէն՝ դէմքը [408] ։ Նայուածքը կը պղտորէր։

 

Ելաւ ոտքի սակայն, վասնզի կը վախնար առաստաղէն, որ կը տքար կառքերուն բեռէն  --փոխադրուած աթոռակ մը զգայական սա այլայլումով պատճառ էր աս սարսափին--ու [409] կրնար իջնել վար, իր գլխուն։ Բիւրաւոր մրջիւններ սղոցտուքի պէս բուսան անոր ծունկին բոլոր կապերուն։ Ցաւ չունէր անիկա։ Միայն սրունքներուն միսերը կակուղցեր, ծեծուեր էին։

 

Փոխեց քայլը, մեծ զգուշութեամբ։

 

-- Ո՞ւր։

 

Պատէն փրթող հարցակա՜նը։ Որ անոր արիւնը սառեցուց։

 

Անիկա դանդաղեցաւ ու պիտի կործէր կրկին։ Խոհարարին թեւը հասաւ։

 

-- Ո՞ւր, - կրկնեց անիկա։

 

-- Դո՞ւն ես, Աւետիս։

 

Ու այս հարցումը խոհարարին սիրտը ծակեց։ Անիկա լսած էր խենթեցած մարդոց պատմութիւնները, որոնց մէջ անոնք չէին տեսներ իրենց շրջապատը, ու կը տեսնէին ինչ որ կը շինուէր իրենց խելքի տունին։

 

Ուժով մը թօթուեց զայն թեւերէն։

 

-- Մ’ըներ, ցաւ ունիմ։

 

Անոր թեւերը ցաւեր էին ցնցումէն։

 

-- Ո՞ ւ ր կ’երթաս, - հարցուց մեղմ։

 

-- Տուն։

 

Ձայնին մէջ չկար մէկը։

 

-- Ո՞ւր է տունդ։

 

-- Ո՜ւր։

 

Շփեց ճակատը։ Նոր կը դառնար ինքնիրեն։ Անիկա խելք դրաւ իր աչքերուն մէջ։ Ո՜ւր էր իր տունը սա տաճկընոցին մէջ։ Ու եղաւ աւելի քան արգահատելի։

 

-- Ո՞ւր է տէրպապան։

 

-- Խանը։

 

-- Խա՜նը։

 

Յիշեց աղտոտ պանդոկը, իր հոտած պէտքարանովը ու ախոռին քիթ փրցնող կծուութեամբը։

 

-- Հեռո՞ւ է։

 

-- Շատ։

 

-- Հոն տար ինծի, Աւետիս։

 

-- Նստէ քիչ մը։

 

-- Ի՞նչ կայ, որ նստիմ։

 

-- Հաց ուտես, ուժովնաս։

 

-- Հա՜ց։

 

Կէս մը անզգայ անոր նայուածքը ուժով մը չափեց խոհարարը։ Մեռելները հաց կ’ուտէի՞ն։

 

Դուրսէն աղմուկը ստացեր էր բացառիկ ուժգնութիւն։ Հիմա պատերը կը թուէին քալել։ Պարտէզը կտոր­կտոր կ’ելլէր հողէն, ինչպէս էր դրուագ մը հին հեքիաթէ [410] մը։ Կառքերը կը թռէին։ Ծառերը կը խօսէին…։ Ու այս ամէնուն ճարճատիւնը, թաւալին հաստ ակօսները կը կազմէին անսեւեռելի խառնակոյտ մը։ Շեփորներուն թնծկալը, մզմզուն՝ բայց իրաւ։ Թեւ մը լման երգ։ Որոտո՞ւմ, թէ կայծակ։ Աւետիսը ձգեց զինքը, ականջովը սուզուած դէպի հեռաւոր փոթորիկը։

 

Յանկարծ որոտում։ Բայց տառացի, ստոյգ որոտում։

 

Փողերն էին, անհուն ուժգնութեամբ։ Ինչո՞ւ ու ի՞նչ կը պոռային։ Արոյրին անկարեկիր հնչականութիւնը, պատերէն ապտակուած, ճմռկուած, կորսնցնելով նուագային իր պարզութիւնը, կ’ըլլար երկաթ դանդիռ մը(տէրը լուսաւորէ հոգին Բագրատունիին), Վերջին դատաստան էն նախահամ մը անոր ականջներուն։

 

Երկինքը խախտած էր իր սիւներէն։

 

-- Ի՞նչ կայ, օղո՛ւլ, Աւետիս։

 

Խոհարարը չպատասխանեց։

 

Լռեցին փողերը։ Բայց անոնց տեղը բարձրացաւ ձայներու նոյնքան հսկայ խաժամուժ մը…

 

-- Փատիշահըմ ջոք եաշա՜…

 

Ըսես, լման քաղաք մը պոռար այդ ձայնին մէջէն։

 

-- Աւետիս, ի՞նչ կայ, օղո՛ւլ։

 

-- Կը տանին կոր, քուրո՛ւկ, կը տանին…

 

-- Ո՞վ։

 

-- Ո՜վ։

 

Դարձուց իր նայուածքը կնոջ աչքերէն։ Բայց կը դողար։ Չե՞ ն ք պատասխաներ հոգէառին։

 

Մայրը կրկնեց իր հարցումը.

 

Ո՞վ է տարածնին։

 

Միամիտ, գրեթէ յիմար։ Ինչո՛ւ չէր մտածեր, հարցնելէ առաջ։ Խոհարարը, նեղուած՝

 

-- Սողոմը։

 

-- Սողո՞մը։ Ո՞ւր։

 

-- Տաճիկներուն։

 

Վանկը բերանը մնաց։

 

Բան մը պոռացեր էր պատէն։

 

Երկուքով նայեցան։ Խօսող պատերը մինակ հեքիաթէն չէ, որ կ’առնէին իրենց ստուգութիւնը, այլեւ՝ Աստուծոյ գիրքէն։ Մանէ, թեկեղ ը վեց տարեկան տղան ալ կը հասկնար այդ օրերուն։

 

Սազն էր, որմէ թել մը փրթած էր։

 

Բարակ այդ լարը ո՞ր հրաշքով յաղթեր էր շեփորային գոռոցին, խաժամուժին, «դանդիռ»ին, ու նոյն Բագրատունիին մէկ պատկերովը «սանդարամետոց դռոյթքին», որոնք պալատին ներսն ու դուրսը «կը մրճահարէին»։

 

-- Խեր ըլլայ…

 

Ու խաչ հանեց դողդղալով։

 

Անիկա առաւ գործիքը պատէն։

 

Իր սատափակուռ անկճիկներուն մօտէն լարը երկարեցաւ թոյլ անկումով, գործիքին քսուած մասերէն հանելով նոյն սրտապատառ ճիչը։ Յետոյ դողդղաց հասակն ի վար` ձեւելով մէկ­երկու կիսաղեղներ, որոնք կը թուէին հեծկլտալ, հետզհետէ նուաղուն, բայց որոշ իմաստի մը ետեւէն։ Կակուղ, տաք, ըսես մարդու միսէն ըլլար շինուած այդ աղեկտուր լարը, մարդկեղէն ցաւի առաձիգ ասեղը, զոր ուզենք­չուզենք հանդուրժենք [411] պիտի մեր սիրտին վրայ։

 

-- Խեր ըլլայ, քուրո՛ւկ…

 

Բայց խեր չէր։ Ու գիտէր ատիկա, քանի՜­քանի՜անգամ լսած ըլլալով հրաշախառն դրուագները իրենք իրենց փրթող լարերու լեզուին։ Ասիկա առնուազն յայտարար «նշան» մըն էր հեռուները պատահող մեծ դժբախտութեան մը, սովորաբար՝ մահուան։ Թելերը կը փրթէին՝ ինչպէս հոգիները։

 

Անոր սրտին, յստակ, կաթեց այդ վկայութիւնը։

 

-- Մէկը մեռած է։

 

Ու անոր շրթները ըսին այդ մտածումը բացառիկ պարզութեամբ, առանց ձայնի։

 

Մէ՜կը։ Մտածումին լարովը եղաւ անիկա հայրենի իր գեղը։ Մէ՞կը։ Անիկա իր ընտանիքին բոլոր անդամները գիտէր մեռած, 95ի ջարդին։

 

-- Ո՞վ, սա մէկը…

 

Հարցուց նորէն մտովի, չհամարձակելով իր տարակոյսը հաղորդել Սողոմին մօրը, որ ափ ի բերան կը հետեւէր «քակուող» պալատին ու կը սպասէր պատերուն, իջնային վրան, թաղէին ա՛լ անպէտ իր մարմինը։ Այսպէս՝ անոր մտքին մէջ պատկերը Սամսոնին, որ իր երկու թեւերովը կը հանէր փղշտացիներու պալատին զոյգ սիւները, կոտրելով զանոնք թթենի տունկի մը նման, մինչ վերնայարկէն գլխիվայր կեցած էին մարմինները անաստուածներուն։ Սրբազան պատմութեան մէկ գիրքէ մը սա փորագրութի՜ւնը։

 

Դուրսէն, աղմուկը գտած էր իր ծայրակէտը։

 

Շեփորները կը կործանէին գիշերը։

 

Ու Սողոմենց տղան կ’ելլէր դուրս… դէպի տաճկութիւն։

 

Խոհարարը սեղմեց ճակատէն դնդեր մը, որ դրուած ըլլալու էր հոդ մտածումի իբր ղեկ մը։ Նեղ րոպէներու անոր կը դիմէր, ուղղութիւն սպասելով։ Բայց անոր ուղեղը մնաց անզգած։

 

Իր յիմարութի՜ւնը։

 

Մեռել կը փնտռէր, Խարբերդի գեղերէն, երբ գիտէր, թէ Սողոմը հանած էին արդէն պալատէն։ Կա՞յ աւելի դժնդակ մահ մը, քան ա՛ն՝ որ գրուած էր սա տղուն…։ Որ գրուած է մեր բազմահազար եղբայրներուն։

 

Յաղթական շեփորներուն պատգա՜մը։ Պարտուած քաղաքներու եւ պարտուած հոգիներու վրայ թուրքերը ուրիշ կերպ չպոռացին։ Քանի մը վայրկեան խուճապին սա գոռոցը խղդեց իր մէջ ամէն մտածում։ Գլուխը կը դառնար։ Ինքզինքը ոտքի պահելու համար կռնակը պատին տուաւ։

 

Ու ամբողջ հինգ վայրկեան այդ պարպուող խանդավառութիւնը կը բաբախէր պատերէն ու օդէն։ Ամբողջ հինգ վայրկեան, ինքնասոյզ, անիկա, առանց գիտնալու, կեցաւ գլխահակ, յուղարկաւոր թափօրի մը անցքին դիմաց, որ կը քալէր ու կը հեռանար։

 

Ու պճպճուն, դուք ըսէք՝ կարմիր խաղաղութիւն։

 

Անիկա մոռցեր էր Սողոմին մայրը։

 

Խոհանոց նայող դուռը բարակ մը դողաց։ Մէկը կու գար։

 

Եղնիկը։

 

Որ թեթեւոտն, մօտեցաւ Սողոմենց հարսին ու քիչիկ մը ծռելով առաւ անոր թեւը։ Այսպէս համբուրելու էր անոր մանչուն հարսը, պսակէն ետքը, երբ մտնէր ներս իր տունէն։

 

-- Քալէ՛, մայր…

 

Չհասկցաւ։

 

-- Քալէ՛, երթանք։

 

-- Ո՞ւր։

 

-- Ո՜ւր։

 

Չգտաւ բառը։ Յայտնի՞ ատով, թէ չէր ղրկուած ոչ մէկէն։ Թէ չունէր մտքին որոշ տեղ մը, սա կինը առաջնորդելու։

 

-- Իմ սենեակս…

 

Խոհարարը ծանօթ էր անոր «սենեակին», այսինքն՝ սրահին։ Իր վարանումին մէջ՝ Եղնիկը աչքով օգնութիւն ուզեց Հաւատիսէն, որ, անգիտակ իր ըսածին, թելադրեց անոր.

 

-- Գնա՛, մի կենար։

 

-- Դո՞ւն։

 

-- Հոս եմ ես, դուն գնա՛ ետեւէն։

 

Կինը չէր շարժեր։ Անոր թեւերը կը թուէին խօսիլ, բայց շրթներով կը յայտնէին իր վախը ատկէ։

 

-- Գնա՛, մի կենա՛ր։

 

-- Սողոմը։

 

Հզօր ճիգով ըսուած այս բառը տեսակ մը պայթում էր սենեակին ձգտուած ոլորտին մէջ։

 

Գրեթէ բարկացած՝

 

-- Ըսի գնա՛ ետեւէն ու ա՛լ մի խօսիր։

 

Անիկա հրեց կինը ուսերէն։

 

Կինն ու աղջիկը հալեցան խոհանոցէն անդին։

 

Մինա՛կ, այսինքն՝ իր ցեղին ամբողջ անցեալը վրան, խոհարարը իջաւ իր ծունկերուն վրայ։ Լամբ մը առեր էր խոհանոցէն ու դրած գետին։ Կղպեր՝ դուռը վրան։

 

Անիկա բացաւ, զգուշաւոր, որքան խռով, իր համայիլը։

 

Աղօ՛թքը։

 

Ու անոր շրթները, արցունքէն աղի, դողդղացին.

 

-- Տէ՜ր դատաւոր…

 

Հզօր ու հռչակաւոր աղօթքն էր, տաճկաց մաճլիսը ինկողներուն համար «երագահաս»։ Ուրիշի բերնով անգամ կը պահէր իր ուժը, վերնագրութեան ծանօթութեան համաձայն։ Խոհարարը աւելի «հաստատ» կապելու համար «գործ»ը, ինքզինքը փոխարինեց Սողոմին անունով ու կարդաց զայն երեք անգամ։

 

Պալատը լուռ, մեռել։

 

Աւելի թեթեւ էր անիկա, երբ ծալեց մագաղաթ տետրակը ու տեղաւորեց իր պատեանին։ Աւելի անվախ էր, երբ բացաւ կղպանքը։ «Սոյն բարեխօսութեամբ» Սողոմենց տղան վախնալու չէր սկսող դժոխքէն, որ բռնադիր տաճկութիւնն էր հայերու հոգիին։ Ու երանելի խոհարարը չէր կրնար երեւակայել հարիւր հազարով այն դժոխքները, որոնք մեր մայրերունն ու քոյրերունն են տակաւին հիմա, թուրքի օճախներուն շղթայուած։

 

-- Քու կամքդ ըլլայ, Տէ՜ր դատաւոր։

 

Բայց սրբագրեց իր սխալը.

 

-- Եղիցին կամք քո…

 

Ուրիշ ի՛նչ կարող էր գտնել, յուսալու եւ սփոփուելու համար, հայու մը կտորը այս դարու սկիզբին, խորը տաճիկի մը պալատին։ Գերի իր մեղքին ու հաւատքին։

ՎԵՐՋ

Գ. ՀԱՏՈՐԻՆ ԵՒ Զ. ԳԻՐՔԻՆ [412]

 



[1]            մշտական, սրբագրուած՝ մշտափակ ?

[2]            լսեց  ?   լռեց ?

[3]            կղզիակներով, սրբագրուած՝ կղզեակներով

[4]            վերջակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[5]            զօրանոցը, սրբագրուած՝ զօրանց[ք]ը

[6]            ուրիշ գիշեր   ?

[7]            կը պարպէր, սրբագրուած՝ կը պարզէր

[8]            ջնջ. ստորակէտ

[9]            կը տեսնէին   ?  կը բռնէին ?

[10]          ջնջ. բառի՝ որ

[11]          աւագանի, սրբագրուած՝ աւագանիի ?

[12]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[13]          ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[14]          յաւելում ստորակէտի

[15]          յաւելում ստորակէտի

[16]          կը գիտնանք, սրբագրուած՝ կը գիտնաք

[17]          Դարակը - ?

[18]          յաւելում ստորակէտի

[19]          Ծնթ. - կազէլ ծանր ստեղի երգ մը։

[20]          Ծնթ. - հէօտիւկ անոպայ գեղացի։ Թուրքերը այդ տարազով կը նախատեն չտես հարուստներու անյաջող նրբամոլութիւնը։

[21]          Ծնթ. - պէսի դնել բուծանել։

[22]          Ծնթ. - ապտալ ապուշ։

[23]          Ծնթ. - օնպաշի տասնապետ։

[24]          ջնջ. ստորակէտ

[25]          ջնջ. ստորակէտ

[26]          մօր, սրբագրուած՝ մօտ

[27] որ, սրբագրուած՝ ո՛ր

[28]          Ո՞վ, ո՞ղջը, սրբագրուած՝ Ո՞վ՝ ողջը

[29]          Ծնթ. - սիւրմէլի ծարիրուած։

[30]          լարերով, սրբագրուած՝ լարելով

[31]          ջնջ. ստորակէտ

[32]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[33]          շեշտի, սրբագրուած՝ շերտի

[34]          միան, սրբագրուած՝ միայն

[35]          յաւելում ստորակէտի

[36]          հագուստը ......  չմսեցաւ - ? 

[37]          գոց, սրբագրուած՝ գոյ

[38]          պատգամին   ?

[39]          ձայնը, սրբագրուած՝ ցայտը

[40]          Ծնթ. - Աննէմ մամաս

[41]          կը պատկերեն, սրբագրուած՝ կը պատկերէ ?

[42]          կողմերու - ?   

[43]          կը տեսաբանենք,, սրբագրուած՝ կը տեսարանենք

[44]          աչքերուն  - ?

[45]          կեանքի, սրբագրուած՝ կեանքն ?

[46]          սեւամորթ, սրբագրուած՝ սեւամորթին  ?

[47]          յաւելում ստորակէտի

[48]          յաւելում միացման գծիկի

[49]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[50]          բերնէն, սրբագրուած՝ բերնին

[51]          ջնջ. բառի՝ բայց

[52]          Ծնթ- ֆէսատ, մուզիր, քոմիթաճի շարք մը ածականներ, որոնք յեղափոխական բառը կը փոխանորդեն թուրքերու բերնին։ Սուլթանը այդ բառին դէմ իր ատելութեամբը պատճառ էր այս փէրիֆրազ ներուն:

[53]          զգայականին, սրբագրուած՝ զգացականին

[54]          նոր կը սկսի սիրտը - ?

[55]          մէջ, սրբագրուած՝ մէկ

[56]          ակռաներուն ազդուիլը - ?

[57]          Չէիր կրնար, սրբագրուած՝ Չէի կրնար

[58]          շերտը, սրբագրուած՝ շեշտը [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[59]          մէջ, սրբագրուած՝ մէկ

[60]          «խնդաց», սրբագրուած՝ «խտղտաց» ?

[61]          գարուն կամ ամայի - ?

[62]          կախուածները, սրբագրուած կոխուածները

[63]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[64]          կը խոյանան, սրբագրուած՝ կը խորանան

[65]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ բութ

[66]          այլանդակ, սրբագրուած՝ այլանդակուած

[67]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ-գծիկ

[68]          յաւելում ստորակէտի

[69]          Եղնիկի, սրբագրուած՝ Եղնիկին

[70]          ջնջ. ստորակէտ

[71]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[72]          յաւելում միացման գծիկի

[73]          ջնջ. ՝  նոր տող անցումը

[74]          ջնջ. ՝ բառ՝ հանըմինը ?

[75]          Ծնթ. - Գանունը էսասի 1876ին յայտարարուած Սահմանադրութիւնը, զոր իր գահակալելէն ետք, Ապտիւլ Համիտ պետական հարուածով մը արգիլեց գործադրուելէ։

[76]          Շեշտեց անիկա ձայնին - ?

[77]          թաւիշէն ալ հաստ մասովը իր զիստին  -  ?

[78]          ինքնամոռանքէն - ? 

[79]          յաւելում գոցուած փակագիծ-գծիկի

[80]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ բութ

[81]          որոնց ?  որոնք [զորս] ?

[82]          ա՞ն, սրբագրուած՝ ա՛ն

[83]          բանդէն, սրբագրուած՝ բանտէն

[84]          գերութեան, սրբագրուած՝ գիտութեան ?

[85]          որ, սրբագրուած՝ ու ?

[86]          սենեակին, սրբագրուած՝ սենեակէն ? - եւ յաւելում բութի

[87]          ջնջ. ՝ ստորակէտ

[88]          կառքը, սրբագրուած՝ կառքին

[89]          [կառքին] խորը [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[90]          Ծնթ. - մազթապա [մագթապա ? ]- տեղեկագիր

[91]          Ծնթ. - իզթիտա - աղերսագիր

[92]          ջնջ. ստորակէտ

[93]          կ՛ըսեն, սրբագրուած՝  կ՛ընեն ?

[94]          այրը, սրբագրուած՝ այրին

[95]          Ծնթ. - գորփիւսգիւլ շերամի հիւանդութեան մանրէ մը։

[96]          տրամադրութեան, սրբագրուած՝ տրամաբանութեան

[97]          զապուն ? զսպուն ?

[98]          մետաքսի, սրբագրուած՝ մետաքսէ

[99]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[100]        փառքը, սրբագրուած փառքին -- եւ ջնջ. ստորակէտ

[101]        անձէն, սրբագրուած՝ անձին

[102]        դէպքի, սրբագրուած՝ դիրքի

[103]        շիջումով, սրբագրուած զիջումով

[104]        տակաւին, սրբագրուած՝ տակառին

[105]        Ծնթ. - գուլէ շէկ

[106]        Ծուռ, սրբագրուած՝  Զուր

[107]        չէր մեղադրեր, սրբագրուած՝ չէր մեղադրուեր

[108]        անոնց, սրբագրուած՝ անոր

[109]        սէրը, սրբագրուած՝ հեռը: [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[110]        երկաթասայլ, սրբագրուած՝ երկաթասայր

[111]        կ՛անցընէին, սրբագրուած՝ կ՛անցնէին

[112]        ձագած / ծագած, սրբագրուած՝ ձգած

[113]        ջնջ. ստորակէտ

[114]        թզուկը, սրբագրուած՝ թզուկին

[115]        Ծնթ. - խուց այսպէս կը կոչուէին քահանաներուն անձնական սենեակները ժամէն, առաջնակարգ պանդոկի մը սենեակէն աւելի հանգստաւէտ։

[116]        ջնջ. ստորակէտ

[117]        յունական ?

[118]        առաջարկը, սրբագրուած՝ առաջաբակը

[119]        Ծնթ. - Ճփիկ կոծիծոտ ու շարաւալից կոպեր ունեցող։

[120]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[121]        ջնջ. ստորակէտ

[122]        թախթերուն, սրբագրուած՝ թախտերուն

[123]        Ծնթ. - մուգատա տուրք, զոր վիճակային եկեղեցիները պարտաւոր էին վճարել թեմի առաջնորդարանին։

[124]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[125]        Ոչ՝, սրբագրուած՝ Ո՛չ

[126]        ոչ՝, սրբագրուած՝ ո՛չ

[127]        տարին, սրբագրուած՝ տափին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[128]        հոլով, սրբագրուած՝ հովով

[129]        կը կոխուէր  ?  կը կախուէր  ?

[130]        կենդանութի՞ւնը, սրբագրուած՝ կենդանութի՜ւնը

[131]        փարթամութի՞ւնը, սրբագրուած՝ փարթամութի՜ւնը

[132]        խաւարտ, սրբագրուած՝ խաւարտն

[133]        շնորհիւ, սրբագրուած՝ շնորհը

[134]        ուր, սրբագրուած՝ ու

[135]        հեռացնել, սրբագրուած՝ հեռացնելով

[136]        յաւելում պակսող բառի՝ եւ ?

[137]        մարմնաբոյժ, սրբագրուած՝ մարմնաբոյծ

[138]        աչքերը ?  ալքերը ?

[139]        ողողուած, սրբագրուած՝ օղակուած

[140]        գիծին, սրբագրուած՝ գիծէն

[141]        կը տիրէր, սրբագրուած՝ կը դերէր [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[142]        Ծնթ. - կնտել կունտ ընել մազերը կտրել, որով գլխուն «կունտը» երեւան կ’ելլէ։

[143]        նայուածքին ? նայուածքով ? 

[144]        կէսեր, սրբագրուած՝ կէտեր ?

[145]        սատանային ....  ուզելու ?

[146]        հաճի Զաքէոսը .... տեղեակ ըլլալ ?

[147]        մտածումի, սրբագրուած՝ մտածումը

[148]        ուտող... ճարեր - ?

[149]        ոսկեդէզ - ?

[150]        արմանքէն ?  արմանքին ? 

[151]        «պղունցը», սրբագրուած՝ «պտղունցը»

[152]        բերելու են, սրբագրուած՝ բերեր էին ?

[153]        թուրքերէնը, սրբագրուած՝ թուրքերէնի

[154]        չքացան, սրբագրուած՝ չգացած: [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[155]        իւրազներու [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[156]        Ծնթ. - ան-շուշտ՝ առանց շուշտի, առանց կասկածի

[157]        ֆարթինկ -- ?

[158]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[159]        եւ, սրբագրուած՝ են

[160]        հարցումները, սրբագրուած՝ հարցումներէն

[161]        սախտած էր - ?

[162]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[163]        հայհոյութիւնը աւրելու -- ?

[164]        յաւելում ստորակէտի

[165]        աղան, սրբագրուած՝ աղա

[166]        Ծնթ. հուզուր սուլթանին ներկայանալ մը։

[167]        միամտութիւնը, սրբագրուած՝ մեծամտութիւնը

[168]        որդը - ?

[169]        Լսեցի՞ր  ?  Լսեցի՞ք ?

[170]        գզրոցին, սրբագրուած՝ գզրոցէն

[171]        յաւելում բութի

[172]        վերջակէտ, սրբագրուած, ստորակէտ -- ջնջ. նոր պարբերութիւն անցումը

[173]        մատուցին, սրբագրուած՝ մատուցումին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[174]        տեղուոյս, սրբագրուած՝ տեղւոյս

[175]        յաւելում ստորակէտի

[176]        տեղուոյս, սրբագրուած՝ տեղւոյս

[177]        կ՛ազատի, սրբագրուած՝ կ՛ազատի՞

[178]        ջնջ. ստորակէտ

[179]        - Հոգի՞ն կ՛ազատէք, սրբագրուած՝ Հոգին կ՛ազատէ՞ք

[180]        զգայական, սրբագրուած՝  զգացական

[181]        շատ ուտող, շատ գիտցող բերաններուն - ?

[182]        յաւելում բառի՝ որ

[183]        ջնջ. բառի՝ որ

[184]        Ծնթ. - խավորդ հաղորդութիւն։

[185]        աչքը, սրբագրուած՝ ողբը

[186]        մարմնակոծումէն, սրբագրուած՝  մարմնակործումէն

[187]        ունկնդիրներէն, սրբագրուած՝ ունկնդիրներուն

[188]        ջնջ. ստորակէտ

[189]        «Ագռաւն ու աղուէսը» ին առակը, սրբագրուած՝ «Ագռաւն ու աղուէսը» առակը

[190]        կը զարնէ, սրբագրուած՝ կը զարնէր

[191]        յաւելում միացման գծիկի

[192]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[193]        մօտեցնելու, սրբագրուած՝ մատուցելու

[194]        ԺԹրդ, սրբագրուած՝ ԺԹ

[195]        Ծնթ. - խոնախ պալատ։

[196]        Ծնթ. - պիւթիւն ամբողջ։

[197]        Ծնթ. - մանկալ շարժուն կրակարան` պղնձէ, հողէ

[198]        ըլլալուն, սրբագրուած՝ ըլլալնուն

[199]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[200]        յաւելում միացման գծիկի

[201]        մութը անյայտ - ?

[202]        յաւելում ստորակէտի

[203]        Ծնթ. - մէկալլոնց միւսներուն

[204]        Ծնթ. - իշտէ ասխըտար ահա այսչափ

[205]        տրուած, սրբագրուած՝ դրուած

[206]        օր մը նրբացած ?

[207]        Ծնթ. - եալը ծովեզերք։ Նմանաբանութեամբ՝ հոն կառուցուած ապարանք։

[208]        ծոց, սրբագրուած՝ ծոցն

[209]        յաւելում ստորակէտի

[210]        ուխտատուփի ?  ուխտատեղիի ?

[211]        գղիաթին, սրբագրուած՝ գզիաթին

[212]        Ծնթ. - Եշիլ ճամի մէկը Պրուսայի մեծակառոյց դամբարաններէն, որուն գմբէթին ներկը անունն է տուած։ Թրքական յիշատակարաններէն ամէնէն համակրելին, հակառակ յաղթանակի դարերէն մնացորդ մը ըլլալուն։ Տպաւորութիւնը կը մնայ սակայն թուրք։ Պէտք է անհրաժեշտ զանազանութիւնը շեշտել ընդմէջ իսլամին ու թուրքին, որոնք երբեք նոյն բաները չեն։

[213]        ԺԹրդ, սրբագրուած՝ ԺԹ

[214]        սեւցնել, սրբագրուած՝ սեւեռել

[215]        ջնջ. ստորակէտ

[216]        գործէն, սրբագրուած՝ գոյնէն

[217]        լանտոններ, սրբագրուած՝ լանտո ներ

[218]        տեսածին, սրբագրուած՝ տեսածէն

[219]        խաշանի ?  խաշածի ?

[220]        ջնջ. ստորակէտ

[221]        յաւելում ստորակէտի

[222]        ջնջ. ստորակէտ

[223]        անոր, սրբագրուած՝ անով

[224]        կածէր, սրբագրուած՝ կ՛ածէր

[225]        դու, սրբագրուած՝ քու

[226]        զարկաւ, սրբագրուած՝ դարձաւ

[227]        Ծնթ. - չէմպէր ակ

[228]        Կեավարուրի, սրբագրուած՝ Կեավուրի

[229]        կը շնչէր -   ?

[230]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[231]        արձակուած իրենց վրայէն-  ?

[232]        ունեցե՞ր էր, սրբագրուած՝ ունեցե՜ր էր

[233]        յաւելում բ. հրատ. պակսող տողի՝ թիւնը կ՛օգտագործէ շատ պարզ բանի մը -- դուք դրէք անունը:

[234]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[235]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ միացման գծիկ

[236]        թեթեւէն ? թեթեւօրէն  ?

[237]        ջնջ. ստորակէտ

[238]        «Պուսավու» ?  «Պրուսավու» ?

[239]        խստամերժ, սրբագրուած՝ խստամերձ ?

[240]        է, սրբագրուած՝ էր

[241]        Չէր յիշեր, սրբագրուած՝ Չէ՞ր  յիշեր

[242]        Ծնթ. իֆատէ վկայութիւն՝ հարցաքննիչ դատաւորին առջեւ։

[243]        Ծնթ. - շիլլին ներքեւը գալ փոփոխակը՝ շիլլին ներքեւը դնել անէծքի ձեւեր, որոնց արտայայտած պատկերը կ’ոգեկոչէ այն շրջանները, երբ կտրուած գլուխը կը զետեղուէր իրանին ներքեւ, իբր բարձ ու կը ծառայէր ցուցադրումի։ Բարքերու փոփոխումով կորսուած է պատկերը, բայց պահուած՝ իմաստը։

[244]        կը սովեցնեն, սրբագրուած՝ կը սորվեցնեն

[245]        է, սրբագրուած՝ էր

[246]        իրենց, սրբագրուած՝ իրենցը

[247]        գեղձին, սրբագրուած՝ դեղձին

[248]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ բութ

[249]        մեծ տեսնող ?

[250]        Ծնթ. - մէտտահ շրջիկ պատմող, որ պալատական գայթակղութիւնները մատչելի կ’ընէր ամբոխին, մէկ իր բերանէն քսան մարդու ձայն ու զգայութիւն արտաբերելով ու տրամաթիք վիճակներ ը կը լուսաւորէր շարժումով եւ կենդանի միմիքով։ Գիտէր նուագել, երգել, խնդացնել ու յուզել։ Թուրքերը խորունկ յարգանք կը տածէին անոր անձին հանդէպ։

[251]        կը տրուէին, սրբագրուած՝ կը դրուէին

[252]        բուժումի, սրբագրուած՝ բուծումի

[253]        նուաճուէր էր, սրբագրուած՝ նուաճուեր էր

[254]        ջնջ. ստորակէտ

[255]        ջնջ. ստորակէտ

[256]        որ, սրբագրուած՝ իր

[257]        կապ ?  կապուած ?

[258] յաւելում գծիկի ?

[259] միութիւնը -  ?

[260] մահուան, սրբագրուած՝ մահը

[261] ըսածն, սրբագրուած՝  տեսածն

[262] խաղաղութեան ?  խաղարկութեան ?

[263] դաւեր, սրբագրուած՝ ցաւեր

[264]        ջնջ. ստորակէտ

[265]        ծաղրածուներու, սրբագրուած՝ ծաղրանուններու

[266]        բախումով, սրբագրուած՝ բաշխումով

[267]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[268]        իրերահոս ?  իրերահաս ?

[269]        Ծնթ. - քէօլէ ծառայ՝ բայց հին իմաստով, ուր յստակ է երանգը ստրուկին։ Գերութեան պաշտօնական ջնջումը սա ձեւին մէջ կը շարունակուէր տակաւին։ Այդ ծառաները, ապրանքի հետ շփոթելի, ժառանգական էին տանուտէրին ու ահաւոր էին իրենց նուիրումով ը իրենց տէրերուն։

[270]        թխած ? թխմած ?

[271]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[272]        ջնջ. ստորակէտ

[273]        սիրեց ?  տիրեց ?

[274]        հոտին -  ?

[275]        ստորակէտ, սրբագրուած բազմակէտ-վերջակէտ

[276]        բնակներու, սրբագրուած՝ տնակներու

[277]        Բայց անոնց տունին մէջ - ?

[278]        յաւելում բառի՝ որ

[279]        իր «աղջկան», սրբագրուած՝ «իր աղջկան»

[280]        պատմութիւնը, սրբագրուած՝ պատանութիւնը

[281]        ջնջ. ստորակէտ

[282]        ջնջ. բառի՝ իր

[283]        ջնջ. ստորակէտ

[284]        զիջումին, սրբագրուած՝ շիջումին

[285]        աղջիկ - ?

[286]        ջնջ. ստորակէտ

[287]        յղութիւնը, սրբագրուած՝ յղացումը [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[288]        կը պահանջէր, սրբագրուած՝  կը պահէր իր  ?

[289]        մեղքը, սրբագրուած՝ միտքը

[290]        սիրալի, սրբագրուած՝ սխրալի

[291]        Եղնիկն, սրբագրելի՝ եղնիկն

[292]        գարշագին - ?

[293]        քաղուեցան ?  քաշուեցան ?

[294]        ջնջ. վերջակէտ

[295]        քաղուէր, սրբագրուած՝ քաշուէր

[296]        յաւելում ստորակէտի

[297]        ջնջ. ստորակէտ

[298]        տառօրէն, սրբագրուած՝ տարօրէն

[299]        սափոր մը հացը - ?

[300]        բախտաւորօրէն, սրբագրուած՝ բախտաւորէն

[301]        այն, սրբագրուած՝ այդ

[302]        ընդգրկել, ամբողջ գտնել - ?

[303]        ջնջ. ստորակէտ

[304]        կը հանէ, սրբագրուած՝ կը հանէ՞  ?

[305]        կ՛ընէ, սրբագրուած՝ կ՛ընէ՞  ? 

[306]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[307]        խաղերը, սրբագրուած՝ խազերը ?

[308]        կը նետէ, սրբագրուած՝ կը նետէր

[309]        լռին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[310]        Ծնթ. - հինա զարնել, դնել գունատու բոյսի մը փոշիով ծածկել հարսներու մատները։ Փոխաբերաբար՝ ուրիշին վիշտին դէմ բացայայտ հանդիսանք։

[311]        լռած էր, սրբագրուած՝ լսած էր

[312]        Թուրքերուն, սրբագրուած՝ թուրքերուն

[313]        Ծնթ. - աշել աչել. գիրքերը կ՚ըսեն` յականել

[314]        բարով, սրբագրուած՝ բառով

[315]        Ծնթ. - հերիֆ մարդ, բայց նախատական առումով։

[316]        էրկանը [մահէն ետք յաւելումով ]  [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[317]        ջնջ. ստորակէտ

[318]        արտացրումը զարդով, ափերով - ?

[319]        յարձակիչ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[320]        ջնջ. ստորակէտ

[321]        ողջը, սրբագրուած՝ աղջը

[322]        կը մեղադրէ, սրբագրուած՝ կը միջամտէ

[323]        նշան, սրբագրուած՝ նշանն

[324]        հարսներու տարիին  ?

[325]        Եկա՞ն, սրբագրուած՝ Եկա՞ւ ?

[326]        Մեղա՞յ, սրբագրուած՝ Մեղա՜յ

[327]        Ծնթ. - մուրս ի վրադ կատակախառն բանաձեւ անէծքի։ Ունի աւելի աղաւաղուն ձեւ մը՝ մրսի վրադ։

[328]        կ՛ըսեն, սրբագրուած՝ կ՛ըսես

[329]        «կտրողներուն» ?  «կտրտողներուն» ?

[330]        յաւելում ստորակէտի

[331]        Ծնթ. սիւննէթ թլփատում (ու ատոր հանդէսը)։

[332]        չափ ?

[333]        Ծնթ. - գերեզմեր - գերեզման

[334]        կոչելով ականաւորներուն ականաւորները - ?

[335]        աշտարակներէ, սրբագրուած՝ աշտանակներէ

[336]        բաբախիլ, սրբագրուած՝ բաբախել

[337]        պարզած, սրբագրուած՝  պարպած  ?

[338]        ցանկայարոյց աղտոտութիւն - ?

[339]        արիւնեգոյն, սրբագրուած՝ արիւնագոյն

[340]        Ծնթ. - լապճին կիսափող մուճակ, կակուղ կաշիէ, զոր տարիք առած թուրքերը կը գործածէին կրկնակօշիկի մէջ։

[341]        աւազ - ?

[342]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[343]        ուշ ..... բնազդներու  ?

[344]        մտնող, սրբագրուած՝ մտնողին

[345]        կտրեր, սրբագրուած՝ կտրէր

[346]        էր, սրբագրուած՝ իր

[347]        Ծնթ. - գա՛հր օլսուն անկցի, անիծուի։

[348]        գնելով, սրբագրուած՝ դնելով

[349]        կը վայելէր, սրբագրուած՝ կը վայլէր

[350]        թրքութիւնը, սրբագրուած՝ թրքութեանը

[351]        մարդը, սրբագրուած՝ մարդուն

[352]        չէր տեսներ, սրբագրուած՝ չէր տեսեր

[353]        Ծնթ. - սելավաթ հաւատափոխութեան տարազը։ Լէ իլէհէ իլալլահ, Մուհամմէտ րասուլ Ալլահ չիք այլ Աստուած բացի Աստուծմէն՝ ու Մուհամմէտը Անոր մարգարէն։ Որուն արտասանումը իսլամ կ’ընէ ոչ-իսլամը։

[354]        էնէլինի, սրբագրուած՝ էճէլինի - - Ծնթ. - Է[ճ]էլինի սուսամագ իր մահուան ծարաւիլ։

[355]        իմացատաց, սրբագրուած՝ իմացազանց [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[356]        Ծարաւցե՜ր, սրբագրուած՝ Ծարաւցա՜ր - ?

[357]        ուժին, սրբագրուած՝ ուժի

[358]        Ծնթ. - կռտող արու անասունները որձատող։

[359]        Ծնթ. - եաշասըն կեցցէ։

[360]        Ծնթ. - վալիտէ մայր։ Որոշ տարիքէ մը ետք կինը մայր է թուրքերուն մէջ։

[361]        չեն պատասխանած ... հայեացքին ?

[362]        կրած, սրբագրուած՝ ըրած

[363]        սազով կամ չարիքով - ?

[364]        գիտութիւնը, սրբագրուած գերութիւնը  ?

[365]        շողարձակ - ?

[366]        կը վերածուինք, սրբագրուած՝  կը վերածնինք ?

[367]        հեռուները, սրբագրուած՝ հեռուներէ ?

[368]        - Ու վճռական .... ասիկա - ?

[369]        օդին ու յուզումին ?   օդէն ու յուզումէն ?

[370]        Ծնթ. - քաղաքային վարժարան թուրքերը այդ վարժարանները կ’անուանէին միլքիյէ ։ Անոնց մէջ կը պատրաստուէր վարչական մեքենային համար անհրաժեշտ պաշտօնէութիւնը։ Օտար մշակոյթէ զգուշութեամբ զերծ պահուած այդ հաստատութիւնները գործնապաշտ ոգիով մը կը տոգորէին իրենց ուսանողութիւնը, մշակելով թրքութեան ու իսլամութեան անխառն պաշտամունք մը։ Վեհապետին ուղղակի հսկողութեան տակ՝ այդ դպրոցները տուին իմացապէս բոպիկ մտաւորականութիւն մը, որ թուրք պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը դասեց կատարը ուսումին։

[371]        մանրուք ?  մանրուկ  ?

[372]        Ծթ. ըպրըգ պղինձէ սափոր։

[373]        չքաւորելու, սրբագրուած՝ շքաւորելու

[374]        ցօղերուն, սրբագրուած՝ տողերուն

[375]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[376]        կը պակսէր, սրբագրուած՝ կը պակսէին ?

[377]        ըլլալուն, սրբագրուած՝ ըլլալնուն

[378]        կասկածելի, սրբագրուած՝ կասկածելէ

[379]        կը վախնար ..... «աղջիկին« - ?

[380]        հայցման  ?  հարցման ?

[381]        տուփի ?

[382]        կ՛առնէր հասակը - ?

[383]        «Մնաք, սրբագրուած՝ « Մնայք

[384]        չեն ծաղկեր, սրբագրուած՝ չեն ծաղկիր

[385]        ստորակէտ, սրբագրուած վերջակէտ

[386]        Ինչպէս, սրբագրուած Ինչպէ՜ս

[387]        ջնջ. ստորակէտ

[388]        Ինչպէս, սրբագրուած՝ Ինչպէ՜ս

[389]        հոտ, սրբագրուած՝ հոտը

[390]        բանին -  ?

[391]        Ծնթ. - մամուկ­բուն սարդոստայն։

[392]        կէս մնաց «ցաւը»  - ?

[393]        ախտին - ?

[394]        ջնջ. ստորակէտ

[395]        պիտի  ...... արիւնը ?

[396]        Ծնթ. - Հ[ո]ոռմի գրալ յոյներու թագաւորը։

[397]        Հ[ո]ռոմի գրալին, սրբագրուած՝  Հ[ո]ռոմի գրալին աղջկան ?

[398]        մէջ, սրբագրուած՝ մէջքը ?

[399]        Ծնթ. - ձի հեծնող աղջիկներ սերունդ մը առաջ ամէն հարս ձիով կը պտտէր փողոցներէն, ժամ՝ պսակի գալու ատեն։ Իմ օրերուս սովորութիւնը կը յարգուէր միայն խենթ տղոց պահանջումով։ Հարուստները հրաժարած էին անկէ։

[400]        չափ, սրբագրուած՝ չափի ?

[401]        աւազներէ - ?

[402]        երկնաւոր, սրբագրուած՝ երկրաւոր

[403]        բուժիչ, սրբագրուած բուժել ?

[404]        գեղի, սրբագրուած՝ դեղի

[405]        Ծնթ. - Լոգմանի հոգի եթեր

[406]        հրած, սրբագրուած՝ խրած

[407]        մազերէն [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[408]        դէմքը ? դէմքը  [դէմինին]  ?

[409]        յաւելում բառի՝ ու

[410]        հեքիաթի, սրբագրուած՝ հեքիաթէ ?

[411]        հանդուժենք, սրբագրուած՝ հանդուրժենք

[412] «ՏԱՐՏԱՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՌԱՋԱՑՆՈՂ ԲԱՌԵՐ», ըստ բ. հրատարակութեան, գ. հատոր, էջ 623

Հոս եւս, հակառակ վերնագիրի որակումին, մեծ մասամբ՝ տեղը-տեղին, ճիշդ գործածուած բառեր են: Ասոնք՝ կա՛մ ինչպէս որ են, կա՛մ սրբագրելով, նշած եմ՝ ' Ճիշդ'. ուրեմն, իբր այդպիսին՝ տեղ չունէին այսպիսի ցանկի մը մէջ: Բոլորն ալ կարելի է գտնել-ստուգել՝ բացատրական կամ բարբառային բառարաններու մէջ, մի քանին ալ`մեծ  Հայկազեան ին: 

Իբր անվերականգնելի վրէպներ՝  ցանկէն կը պահուին (?)-ով նշուածները, 51 բառէն՝ ութ միայն: Նկատի ունենալ նաեւ հո՛ս տրուած էջաթիւերը, որովհետեւ հատորի ցանկինները սխալ դրուած են:

 

14                               որսուած (սրբ. սր[ց]ուած)                                                   ճիշդ

16                               ներգեւած                                                                                      ճիշդ

18                               սա տակը՝                                                                                     ?

18                               թերագործ                                                                                     ճիշդ

24                               գետակէ (սրբ > գնդակէ)                                                     ճիշդ

26                               փուլ (սրբագրուած՝ փուր)                                                   ճիշդ

31                               պալատ էր իրական (սրբ. > պալատ էր կրակած)ճիշդ

34                               լանո ներուն (սրբ. >            լանտո ներուն)                      ճիշդ

38                               մնառութիւններէն (սրբ. մնտռութիւններէն)           ճիշդ

51                               երազում                                                                                        ?

62                               լռում                                                                                                ?

73                               գիսանուտ (սրբ. >  վիժանուտ)                                         ճիշդ

78                               կրկնուած (սրբ. կրնկուած)                                                 ճիշդ

80                               թռչող     (սրբ. >  թրջող)                                                          ճիշդ

86                               մրրանալու                                                                                  ճիշդ

92                               գազաններուն                                                                            ?

92                               արութեանց                                                                                 ?

100                             գեղձ  ( սրբ. >  դեղձ)                                                                 ճիշդ

101                             խաւարտին                                                                                  ճիշդ

111                             շրջապատ                                                                                    ճիշդ

112                             սրբագրութեանց                                                                       ?

116                             հասկացողութիւնը                                                                 ճիշդ

128                             չորս տասն ալ                                                                            ճիշդ

129                             կեղադրուագ                                                                               ճիշդ

136                             այլամերձ (սրբ. > այլամերժ)                                              ճիշդ 

137                             եղջումները (սրբ. >  եղծումներ)                                      ճիշդ

157                             կոշտոտ                                                                                         ճիշդ

164                             ճիգին                                                                                               ճիշդ

164                             վերնակով                                                                                     ?

167                             չէչ                                                                                                      ճիշդ

185                             մէկ-մէկ (սրբ. > մէկ)                                                                ճիշդ

189                             չքաշելով                                                                                       ճիշդ

250                             զուլաներու (սրբ. > զուլուներու)                                     ճիշդ

261                             գլխաւոր (սրբ. > վիրաւոր)                                                  ճիշդ

331                             պարզի                                                                                            ?

382                             շերտը (սրբ. > շեշտը)                                                             ճիշդ

408                             (սրբ. > կառքին) խորը                                                            ճիշդ

418                             սէրը (սրբ. > հեռը)                                                                    ճիշդ

424                             տարին (սրբ. > տափին)                                                        ճիշդ

428                             կը տիրէր (սրբ. կը դերէր)                                                    ճիշդ

432                             չքացան (սրբ. > չգացած)                                                      ճիշդ

432                             իւրազներու                                                                                 ճիշդ

445                             մատուցին (սրբ. > մատուցումին)                                   ճիշդ

466                             շատ                                                                                                  ճիշդ

514                             Եղնիկին յղութիւնը (սրբ. > յղացումը)                         ճիշդ

525                             լռին                                                                                                  ճիշդ

530                             էրկանը ( յաւելումով՝ մահէն ետք)                                  ճիշդ

530                             յարձակիչ                                                                                      ճիշդ

551                             իմացատաց         (սրբ. > իմացազանց)                           ճիշդ

559                             [անսփոփ] գիտութիւնը (սրբ. > գերութիւնը)           ճիշդ

580                             երգերը                                                                                            ճիշդ