Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

 

Նկուղ մըն էր։

 

Շատ աւելի մեծ ու կանոնաւոր, քան ա՛ն՝ ուր բնակած էր օր մը ամբողջ, Սողոմենց տղան, մոխիրնոց առաջնորդուելէ առաջ։ Ձեւովը, յատակին մարմար սալարկովը, զոր մատի հաստութեամբ երկաթ ձողեր կը ճարմանդէին կէտերէ՝ անիկա տպաւորութիւնը կու տար հին աւազանի մը, նախաբիւզանդական շրջանէ։ Բացօթեայ աւերակներ, բիւթանական շրջաններու մէջ, դեռ կը պահեն կաղապարը ատոնց, ամբողջ վիմափոր, որոնց խցուած տաշտը սերունդէ սերունդ կը մաքրուի խնամքով, հնաւանդ գանձերու հետամուտ խենթերու ձեռքով։ Զանոնք իր մէջ օր մը տաղաւարած մեհեանը կամ բաղնիքը կործանած է իր մեծ մասերէն։

 

Բանտի մարմինին մէջ առնուելէ՜ն առաջ։

 

-- Մեր վէպը հնախօսութիւնը չէ Ռոլէնի, թէեւ աւերակներու ուսումնասիրութիւն մը շահեկան կը գտնեմ վէպի մը չափ։ Ի՛նչ որ կարեւոր է, այդ նկուղին օր մը մաս կազմած ըլլալն էր արդի բանտերը կանխող ընդարձակ կառոյցին։

 

Ջուրի համաչափ գիծեր, բոլորակ, շրջանը կ’ընէին այդ պատերուն, որոնց գոյնը սեւին ու սատափին մէջտեղը կ’իյնայ։ Հեղուկը տարիներով իր մակերեսը մէկ պահելովը ստեղծեր էր այդ բոլոր գիծերը։ Ջրամբա՞ր՝ թէ ընդերկրեայ բանտ։ Ով գիտէ հազար տարի առաջ այդ վիրապներուն մէջ ի՜նչ ոճիրներ մարսուեցան։

 

Անոր տանիքը՝ թուրք էր սակայն։ Ճիշդ ու ճիշդ ոճովը՝ քաղաքին միւս հնաւանդ կառոյցներուն, բոլորն ալ գմբէթ, որոնք հեռուէն վիշապներու գլուխը կը յիշեցնեն հաստ իրաններու մէջէն ամբարձիգ [1] ։

 

Արեւելքի քաղաքներուն ընտանի այդ տեսարա՜նը, երբ ցած ու խեղճուկ կտուրներու անոճ տափակութեանց վերեւ իբր սաղաւարտ կը կլորնայ այդ հանգոյցը, բաղնիքներու վրայ՝ ծակոտկէն, ուռած, գորտի աչքեր յիշեցնող ապակի կանթեղներէ խոցաւոր, որոնք գունդին կապար գանկը այդպէս ուռ-ուռ կը վիրաւորեն։ Ներսէն, այդ աչք-աչք ծակերը մռայլ լուսամուտներ են, ապակի ակնոցնե՜րը վիշապին, որուն մարմինէն փրցուցած բերած են այդ սաղաւարտը։ Այդ աչքերը լոյսը կը քամեն, կը ներկեն, կը պղտորեն ու տրտմութեան շամանդաղի մը պէս, վար ղրկելու տեղ, կը բռնեն իրենց մօտ։ Երկու աշխարհներուն բաժանման կէտերն են անոնք բանտարկեալին։

 

Բարձր, երեք մարդու հասակով, այդ կամարին ճիշդ մէջտեղը կե՜ռ մը, մեծկակ, նման անոնց, զորս մզկիթներն ու եկեղեցիները ունին ջահերը կախելու։ Ասոր քիթը կոտրուած էր, իշխանութեանց կարգադրութեամբը։ Դարբին մը սղոցով տաշած, փրցուցած էր կեռին կիսաղեղը, ուղղահայեաց երկաթ միայն ձգելով, արգիլելու համար յատակէն հոն նետուելիք չուաններուն հաւանական կառչումը, ու հետեւանք դէպի վեր ճախարակումը։ Ասկէ զատ, բանտարկեալը, մա՛նաւանդ հայը, երկաթ այդ կտորը տակաւին կրնար օգտագործել իբր կախաղան, քանի որ այդ ջրամբարին մէջ թուրքերը կը գործադրէին ծեծերուն ամէնէն անժուժելին։ Ցեղային այս դաժան ու մռայլ երանգէն դուրս, որ բռնի ներարկուեցաւ ինքնին թշուառ հոգիներու մակերեսին, փախուստի փորձերը իրաւամբ կը նկատուին սրտառուչ, որքան զմայլելի յիմարութիւններ, հասարակաց արգահատանքով մը իջած հասարակաց սեփականութեան [2], բանտ-քաղաքին տարեգրութեանց մէջ։ Կան դրուագներ հանուած այդ փորձերէն, որոնք ուժգին են այնքան, որքան դուրսի աշխարհին վրայ հերոսամարտ մը։ Ու տակաւին չունիմ նկատի բացառաբար հայկականը, ոչ թէ բանտէն, այլ՝ կեանքէն բռնի փախուստը, ամէն միջոց, անդուլ հսկումով [3] մեր բանտարկեալներուն խստօրէն արգիլուած մահը՝ բռնելու, հեծնել կրնալու անհաւասարելի, հոյակապ առաքինութիւնը, որմէ նմոյշներ տուաւ մեր արիարանց սերունդը այդ թուականներուն, չկասկածուած, անկարելի նկատուած բաներէ ստեղծելով մահուան ժանիքը, սեփական սիրտին դէպի դռնա՜կը։ Հեքիաթ չեն ասոնք, որոնք լրագրի սիւնակով մը ծանուցուեցան աշխարհին, բռնակալութեան ամէնէն զարհուրագին օրերուն, երբ մեր բանտարկեալները մա՜հ ստեղծեցին, ճէմիշներու թիթեղներէն եւ նկուղներու լամբիկներէն։ Մնալով պարզ, այսինքն՝ թուրքէ թուրք պայմաններու մէջ, թուրք դերակատարներով այդ փորձերը կը յուզեն ոչ-հոգեբան վերատեսուչները մինչեւ։ Ամէն մարդու չէ տրուած, ատամներով, ու եղունգներով կտրտել  --հարկ չկայ յիշեցնելու, թէ տանջարան քշուած այդ անբախտներուն մօտ, մահուամբ կը քաւուի որեւէ հատու գործիք--    իր ճերմակեղէնները։ Ատկէ անդի՞ն։ Հարկա՜ւ։ Այդ կտորուանքով չուաններ հիւսել, դողդղալ այդ դաւաճան պաղին ու խոնաւութեան մէջ, վրայ տալէ յետոյ՝ մարմինը պատսպարող ամբողջ լաթեղէնը։ Յետոյ տքնիլ ժամերով, այդպէս ստացուած չուանը անցընել կրնալու կեռին աղեղին։ Յաջողելէ յետոյ, ամրացնել մէկ ծայրը դրան շղթային, ու միւս ծայրէն ինքզինքը ճախարակել դէպի վեր։ Գմբէթը ծակելու հսկայ պատրանքով։ Ասոնք եղած են, հայէ՝ ինչպէս թուրքէ։

 

Այսքա՛ն, սա նկուղին [4] ու մեծ սաղաւարտին առաջին պատկերէն։

 

Մաքո՛ւր, համեմատաբար, քան ուրիշ նկուղներ։ Վասնզի անիկա յատկացուած է բացառիկներու։ Քիչ՝ հոն հասնողները։ Ու կը հասնին եղերական վերջերու համար։

 

Մաքո՛ւր։ Շատ պատճառներով։ Կարեւորը ատոնց՝ գուցէ գաղտ խցիկն է, որուն մէկ պատը կը կազմէ նաեւ նուրբ որմ մը աւազանին։ Յիմարի մը խելապատակէն բուսած այդ դարանը   --իբր թէ ունենալու համար խօսակցութիւնը հոն դրուածներուն--    այդ ատեն ա՛լ [5] լքուած էր ոստիկանութենէն։ Ջարդերէն առաջ այդպիսի ծուղակներ սարքուեցան քիչ մը ամէն կեդրոն բանտերու մէջ։ Յեղափոխութեան տարածած անհանգստութիւնը դեռ ծիծաղելի չէր դարձած զանգուածային փողոտումին [6] անհերքելի փաստովը։ Ջարդերէն վերջը, արդարութիւնը պէտք չունէր վարանոտ ու զգուշաւոր գործելու։ Անիկա կը գործէր ուղիղ, միակտուր, մեծապէս արդար, աւելի մարդավայել ու ազատ, «շնորհիւ վեհափառ կայսեր», պէտքը չզգալով այդ միջնադարեան անազնիւ միջոցներուն, ուշադիր, մեծազբաղ պրպտումներէ, ստուգումներէ, զննումի, թափանցումի մեթոտներէն աւելի  --սխալական ու թերի եղանակներ ասոնք, քանի որ մարդկային են [7], այսինքն՝ տպաւորելի, դրամով, սեռով, խաթր ով--  գործելով մաքուր, այսինքն՝ շատ թուղթի, ու շատ վկայի, ու շատ ալ դատավարութեան, սեփական խղճմտանքին թելադրանքովը (կարծեմ օրէնքը ասանկ բաց դուռ մըն ալ ձգած է բոլոր դատողներուն), որ պայծառ է միշտ, աննուաճելի, նման՝ արիւնի թելին, պղտոր հոսանքին մէջ իսկ ինքզինքը պահող, եւ որ քիչ կը սխալի, վասնզի զերծ է շատ մտածելու, բաղդատելու հարկէն, անզգած մնալով փաստերուն դէզին դէմ, վարուելով արմատապէս յանցաւորին հետ, երբ հայ է անիկա, ինչ որ թուրքերու բարբառով երբեմն հոմանիշ է բացօթեայ փողոտումին, բանտի սրահի մը տանիքին ներքեւ, ներսէն խստութեան մը ձեւին տակ, ընկերներու ինքնաբուխ պոռթկումով, խաղաղ ու արդար միջոց, զոր Ամերիկայի նման մեծ ազգերն ալ որդեգրած են, ազատութեան հանդէպ հզօր իրենց պաշտամունքը տարազելով այսպէս օրէնքով մը։ Հարկ չկայ Թուրքիայէն շատ հեռանալու։ Քսաներորդ դարուն արդարութիւնը աւելի ազատ է ու աւելի ընդարձակ գործելու տրամադիր։ Անիկա չգոհացաւ բանտերու խորշերն ու խոռոչները իրեն խորան գտնելով, այլ ըրաւ բոլորովին բացօթեայ իր պաշտամունքը` գեղերը, քաղաքները, մինչեւ իսկ երկրամասերը վերածելով իրեն բագինի։ [8] Հիմա արդարութիւնը նախնական է եւ թեթեւ։ Ամբողջ քաղաքակիրթ ցեղերը համամիտ են անոր նոր կազմին։ Մեր մեղքը։ Չգիտնալը՝ ասիկա։

 

Սուլթան Համիտի նախաձեռնութեամբը, ոստիկանական բարքերու մէջ մուտք գտած այդ թաքնաթաքուր դրութի՛ւնը՝ զոհը հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս անվստահութեան, խուլ սարսափի ոլորտով մը ջղայնացնելու, վերջ էր գտած ջարդերով, քանի որ թուրքերը վերադարձը ըրած էին իրենց միջնադարեան, ստեփ ային դատումներուն, հրապարակային, կարճ, բազմաձեռն, որ յանցաւորը կը կապէր, կը դնէր ծունկի ու կը սպաննէր բռունցքով։ Թուրքերը այսպէս կը դատէին Թուրքեստանի իրենց աւաններուն մէջ շնացողն ու գաղտնիք պարզողը։ Անոնց ատելութիւնը անսահման էր (ինչպէս կը վկայեն թուրքագէտները, իրենց ծագումին խոյզովը խանդավառ պատմիչներ) տոհմէ տոհմ վէճերու ընթացքին։ Կիսամարդոց վայել այս արդարութիւնը անոնք չեն վարանիր վերակոչել Արեւմուտքի փարթամ ոստաններուն [9] ալ մէջը։ Սուլթան Համիտի ռէժիմը անհասկնալի պայքար մըն է նորութեան պահանջի մը եւ հինէն չզատուելու շատ բարբարոս կամքի մը։ Մաքրութիւնը բանտերէն ներս պարտադրող ոգին, օդի, առողջապահութեան պայմաններուն համար բծախնդիր, չէր ուրանար այդ նկուղին աւանդական արժէքն ալ, երբ պարբերակի հոն կը ղրկէր քաղաքական յանցաւորները՝ իրաւ է թէ ցանցառ, բայց պատահական։

 

Անո՞ւնը այդ նկուղին։

 

-- Շղթայով սենեակ։

 

Որ արդիւնք էր ժանգոտած դուռին։

 

Հսկայ գազանի մը որովայնէն քաղուած ու չորնալու դրուած աղիքի մը նման, ու նման՝ օղի հանող խողովակներու հանգոյցին, ոլոր-ոլոր, շղթայ մը այդ դուռը կը հիւսէր վերէն վար։ Ժանգոտ՝ օղակները, փայլի կայծերով, մանր, խիտ, պատրանքը ստեղծելու չափ այն փուրերուն, որոնք յունական Սուրբ Գէորգներէ նիզակահար հրէշներու պոչերը կը հիւսեն, այդպէս ոլոր-ոլոր, կռուած դաշն արուեստով կռնակին՝ [10] թունաժէտ կանանչին մէջերը։ Ամէն դարձուածք, վիշապ-օձին մարմինին նման, գալար-գալար կ’ամրանար դուռին՝ բռնուած, վարսուած այդ ծեր երկաթին, հսկայ գամերով, որոնցմէ գլուխներ միայն, լայն, մէճիտիէ դրամէն աւելի, քրտինք ունէին նոյնիսկ Օգոստոսին։

 

Բանտերը երկրի մը մանրադիր պատկերը կու տան։ Անոնք համադրութիւն են այն իմաստով, երբ այս բառերը գործածուին թանգարանի եւ արուեստի ուրիշ գործերու, սա տարբերութեամբ սակայն, մինչ վերջինները, այսինքն՝ միւզէոմ ները անցեալը կը ձգտին սեւեռել, առաջինները ներկան կը պատմեն։ Այս տեսութեամբ, անոնք քաղաքի մը ամէնէն կենսայորդ կեդրոնները կը ներկայացնեն։ Զուր տեղը չէ, որ անոնց վերատեսուչները անոնց վարչութիւնը երբեմն չեն փոխեր Վանի կամ Պաղտատի նահանգներուն կուսակալութեանց պաշտօններուն հետ։ Մնաց որ, Գերմանիա ձրի չի հաներ իր վարժարաններէն գիտուններ ու հանճարներ։ Ձեզի ծանօթ են մեր քոմանտան փաշային ձեռագիր նոթերը, որոնք օր մը հրատարակուելու պարագային, հոգեբանական այնքան նորութիւններ պիտի դնէին հրապարակ, մարդկային զգացումներէն ամէնէն պղտորին, ոճիրի ծարաւին մասին։ Ըստ վերատեսուչ փաշայի բարձր հեղինակութեան, ամէն մէկ բանտարկեալ առնուազն երկվեցեակ մը տուներու ժառանգական ախտերը, սթիկմաթ ները փոխադրած է այդ աշխարհը, միակ մեղքի մը ակօսով։ Միշտ փաշային տրամաբանութեամբը, կեանքը վերացում, հայեցողութիւն, երազանք ու վայրագութիւն ըլլալէ առաջ ջերմ, խառնակ, կենդանի, յորդ տարրերու հանդէս մըն է, հեքիաթին կաթսան։ Զուր տեղը չէ, որ Ֆաուսթ կը ծափահարենք։ Ո՞ւր՝ սա ալշիմի ն այնքան հարազատ ու վճռական կը ներկայանայ, քան խորը այդ հոգեճահիճներուն։ Մի շփոթէք ծաղիկը աղբին հետ, երբ զայն կը տեսնէք դողդոջ, գարշութեան մը ծոցին։ Անոնք իրարմէ բխած կը թուին, բայց կը պատմեն տարբեր ոճեր, այն հսկայ, անհասկնալի ճարտարապետութենէն, որուն անունը կեանք է նորէն։ Տարածեցէք վարկածին շրջանակը։ Կ’առնէք, եթէ ուզէք նաեւ այն մասն ալ, որ դուրս է բանտին պարիսպներէն։ Ո՞վ՝ ինքը իր բանտարկեալը չէ երբեմն, մեզմէ շատերուն համար։

 

Աւանդութիւն մը, բաւական մօտ, չբարձրացող նոյնիսկ կէս դար, հիմա դուռին հեղ[ու]սուած այդ շղթան հիւսեր էր մարմինին տարօրինակ կնոջ մը, որմէ մոռցուած է դէմքը, բայց կը մնան ահաւոր խռովքը, համբաւը, հոգեբանական խորհուրդը, անշուշտ խեղաթիւրուած, բայց թափանցողին՝ բաւական թելադրիչ։ Պոռնիկ չէ անիկա, բառին ընթացիկ իմաստով, հարիւր տարի առաջուան անըմբռնելի դէմքերէն, որոնք քաղաքին իրական տէրերն էին ըստ աւանդութեան, իրենց տարփաւորներուն դանակովը։ Ոչ ալ գերդաստանեան հնութեամբ եւ ազնուութեամբ (ծագումը նկատի ունեցէք, որուն հանդէպ մինակ արեւմտեան կոմսերը չեն զգայուն, այլ՝ մա՛նաւանդ Արեւելքի պառաւները, երբ իրենց մարմինը պարպելէ յետոյ՝ իրենց զբաղում կ’ունենան իրենց տիտղոսները միայն) ուշագրաւ բարեգործուհի մը, ինչպէս ունէին գոյութիւն, այդ օրերուն, բոլորովին բարեպաշտ արարածներ, [որոնք] [11] իրենց երիտասարդութեան, վայելչութեան տարիները յատկացուցած աշխարհին, քամելով անոր հաճոյքներուն ամբողջ նարդոսն ու հալուէն, «ցմրո՜ւր», իրենց զառամութիւնը կը նուիրէին բարեպաշտօն զբաղումներու, կառուցանելով՝ մեղքի պտուղ իրենց հարստութեամբը՝ մեծաբաշխ, ջրառատ աղբիւրներ, երաշտ դաշտերու վերակեանք տուող, կամուրջներ, որոնք երկու քաղաքներ իրարու կապէին, բաղնիքներ, մա՛նաւանդ մզկիթներ, իգական դէմքով, մանր՝ բայց տարօրէն սիրուն, կոկ, ճերմակ ու պչրոտ։ Անոնց դամբարաննե՜րը՝ երբեմն կատարեալ գլուխ-գործոց, ամէնէն չքնաղ դիրքի մը ծոցին, գոհարակուռ ու խաղաղ, մահուան մէջ մաքրուած գեղեցկութեամբ մը, հասոյթներով ապահով, որպէսզի թթու մօրուքով մոլլա մը, անոնց մէկ կուշտին հիւղակը պահէ, որդւոց որդի` օրհնելու համար յիշատակը բարեպաշտուհի հանըմին, որ ողջուցը փլած տուներու ողբը յետ մահու սա բարիքով կը գնէր երկինքէն ու ժողովուրդէն։

 

Քիչ անգամ մարդկային անզգամութիւնը, կիներուն անկուշտ արգանդը այսքան ապահով հաշուեյարդար մը կ’ընեն իրենց տուրքերով։ Թուրքերը, որքան բծախնդիր իրենց արուներու անունին, նոյնիսկ մեղքերու պահպանումին, մեծ-հօր մը ոճիրը իբր մականուն յօժարութեամբ գործածելու աստիճան, կ’ուրանան իրենց կիներուն մեղքերը, որքան բարիքները։ Ամենազօր սուլթանուհիներու դրամով կանգուն հանրային յիշատակարաններէն [12], ընդհանրապէս մզկիթ կամ բաղնիք, մէկ հատ հազիւ կը պահէ [13] կառուցանողին իրական յիշատակը (դուք մի չափէք դամբարաններուն փաստովը։ Անոնք գերեզմաններ են ու մոլլաներու ճետով մը փրկուած մոռացումէն)։ Ասիկա թերեւս անոր համար, վասնզի քիչ-շատ տեւողական ասպարէզներու վրայ կինը չունէր գոյութիւն այդ երկրին մէջ։ Վայելքի գործիք՝ անիկա լրջութեամբ պարտաւոր էր գիտակցիլ իր դերին։ Այլապէս՝ բոզանոց կ’իյնար։ Երեսունէն վեր դահացած ապրանք՝ անիկա պարտաւոր է մշակել մարմնական առաքինութիւններ, մինչեւ որ ժմնէ տղան։ Անկէ անդին՝ մեծ-մայր։ …Հեքիաթը (շղթայով սենեակին) չի ճշդեր ազգութիւնը այդ բարեպաշտ հանըմին։ Ու ասիկա՝ ոչ դիտումնաւոր [14] զանցառութեամբ։ Վասնզի արուներու հանդէպ որքան խստապահանջ, թուրքերը իրենց կիներուն կրօնքովը շատ չեն զբաղիր։ Կայսերական պալատը ամէն ազգէ կիներու համար բաց մրցարան էր, տակաւին Պրուսայի մայրաքաղաքութեան օրերէն (ԺԵ. դար)։ Մեր թուականէն դար մը առաջ ֆրանք կամ սաքսոն իշխանուհիները կանանոց մտած են, երիտասարդ, ու ելած անկէ, առանց կրօնք փոխելու։ Բարեպաշտուհի այդ տիկինը, Պրուսայի արեւմտեան փոքր արուարձանին մէջ, Չէքիրկէ, գեղատեսիլ սարահարթիկի մը վրայ, եւրոպական ոճով առաջին բաղնիքը կանգնած էր, ոչ-հասարակաց, քանի որ ջուրը կրցած էր գնել, կործանած գերդաստանի մը յետին պայազատէն։ Չէքիրկէ, Ջերմուկներու գիւղակն է։ Յորդ ու հրաշագործ ջուրերը պետութիւնը բռնագրաւած է` յատկացնելով զանոնք հասարակութեան։ Փոքր ու սովորական ջուրերը կը մնան իրենց հին տէրերուն ձեռքը, որոնք կը զգուշանան այդ ջուրերով աչքի իյնալէ։ Թաղի մէջ ամէն չորս-հինգ տուն ունի այդ տաք աղբիւրներէն։

 

Հեքիաթը մեր տիկինը կը բերէ Պոլսէն, շնորհազուրկ, աքսորի մէջ խղդուած վէզիրի մը կինը ընելով զայն։ Ոճին նորութիւնը, օտարութիւնը, տան տեսքը փաստեր են անոր տիրոջը օտար ծագումին։ Բայց այդ չէ էականը։ Այլ՝ սա։ Ան շքեղ այդ բաղնետունին մէջ կը պատսպարէր արուները, ու միայն արուները։ Աւելի՛ն. այդ արուները պէտք է պատկանէին որոշ դասակարգի մը։ Ըլլալու են [15] անտուն, անտէրունչ, թափառական։ Ասոնք՝ առաջին աստիճանը իր յաճախորդներուն ։ Բառը տարօրինակ է։ Բայց կը պահեմ, հետեւելով հեքիաթին։ Ու այս շքախումբին մէջ դուք պիտի տեսնէք Արեւելքին խայտաբղէտ բանակը մինչեւ Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Արաբիայէն փրթած ու հոս ինկած ամէն երանգէ տէրվիշներուն, աշուղներուն։ Աւելի՛ն. ան կ’ընդունէր ցաւագարները, խենթերը, կոյրերը։ Մեծ հոգածութեամբ կը դարմանէր զանոնք, կը մաքրէր աղտէն ու կեղէն` խառնակելու համար անոնց հետ։ Աւանդութիւնը մոռցած է տարիքը։ Բայց այս խառնուածքը սեռային ախտաբանութեան մէջ ծանօթ է բաւական, որպէսզի յապաղիմ։ Յետո՞յ։ Բանտի նկուղի սենեակին դրան հիւսուած շղթայով զանոնք թեւերնուն կապելով կը կախէր վար, տան յատակին անդունդէ մը, ուրկէ շոգի կը բարձրանար միշտ։ Աս ալ իրողութիւն է, վասնզի Չէքիրկէի տուներուն մէջ պակաս չեն այս ինքնաբուխ ջուրերը, տաք, շոգեւոր, ու փեռեկումներ, որոնց վրայ կը ձգուի բաղնիքի մը յատակը։ Ու կը կախէր, ա՛յնքան՝ որ ձայնը հատնէր կախուողէն։ Ոճի՞ր։ Դուք գտէք բառը։ Բայց շարժառի՞թը։ Դուք փնտռեցէք, ես կ’անցնիմ ուրիշ ըսելիքներուս։ Փողոցի մարդերը տէր չունէին զիրենք պահանջող։ Ու մոռցուեցան։ Ցաւագարները (շատ ընդարձակ է այս բառին տարողութիւնը։ Կ’ընդգրկէ առաւելապէս մեծահարուստ տուներու փափուկ, խեղճ, ապուշ ծնունդները, որոնք մինչեւ պատանութիւն, այսինքն՝ իրենց մօրերնուն հեղինակութեան վախճանը շէնք-շնորհք կը հագուին ու կը կերակրուին` յետոյ ձգուելու համար ճամիի մը բակը, ընդհանրապէս օտար քաղաք մը տարագրուելէ ետք։ Անոնք եթէ անցուցին առաջին տարին, ա՛լ կը դիմանան ու կ’ըլլան շուկայի մը, փողոցի մը, մզկիթի մը պաշտօնական ապուշը, նուիրական, անձեռնմխելի ու հաճի-պապա, այսինքն՝ հասարակաց ապրանք։ Ծանօթ է թուրքերուն յարգանքը յիմարներէն [16] ) մեծագոյն բարիքը կ’ընէին իրենց շրջանակին` անգամ մըն ալ հոն չդառնալով։ Ողջերը չեն փնտռուիր այդ երանելի երկրին մէջ։ Կիսողջնե՞րը։ Ու խենթե՜րը։ Որոնք միշտ լիճեր, առնուազն բաղնիքի աւազաններ պիտի ուզեն` իրենց փորի դեւերը հոն պարպելու համար։ Բորոտնե՞րը։ Հեքիաթը կը լռէ անոնց շռայլուած խնամքէն [17] …։ Դատավարութիւն մը երեւան հանած էր այս խոր ու ծածկուած ճշմարտութիւնները, ու անոնց հետ աւելի սեւ բաներ։ Շահեկա՞ն, սա օտարուհին, որ հիմակուան ռէժիմին անպայման հայ կը մկրտուէր, անկախ Հայաստանի դատին նուիրուա՜ծ, այսքան անիծապարտ վճռականութեամբ։ Բայց պէտք է պատմել։ Գեղանի՞, կը մղուիմ այսպէս ներկայացնելու զայն ձեզի, թէեւ հեքիաթը իր մոռացումին մէջ թերեւս կ’ուզէ կամացուկ մը թելադրել միւս ահաւոր բանը, որ անյագուրդ կինն է, դադարէն անդին նորէն սկսող, սանկ քիչիկ պեխաւոր, առնակազմ ու անգութ։ Գեղեցկութիւնը լոյս մըն է։ Ու սեռը՝ հնոցը անոր, ոչ թէ գեղեցկութեան, այլ անոր յոյսին։ Բայց ինչո՞ւ կախել։ Մի աճապարէք։ Պատճառէն առաջ ողբերգութի՛ւնը։ Վասնզի ջերմ շոգիի վրայ այսպէս օրով մը բռնուած մարմինները ապազգայ կ’իջեցուէին անդունդին յատակը։ Երկու պարկ մոխիր ու պարկ մը կիր՝ դիակին վրայ։ Ու կը լռէր անդունդը։ Ձա՞յն [18] ։ Քանի մը օր վերջը, այսինքն՝ մինչեւ որ միսերը փրթէին ու անդունդին ալքերուն [19] մէջ լուծուէին։ Որմէ յետոյ ջուրը կը գտնէր իր աչուկները ու կը բանար իր շղարշիկը շոգիէն, [20] միս ու մոխիր քալած վարի աշխարհը։ Ինչո՞ւ։ Պէտք չէ շուտ հարցնել, քանի որ մարդիկ յաճախ կը լսեն նոր գոցուած շիրիմներէն մեծ ողբը, գուցէ փշուրները անոնց աշխարհին բնակիչներուն։ Այս ոճրաշարքը, սա իրապաշտութեամբ, ու դրուագումով, դատավարութեան ընթացքին   --կինը պատմած էր ամէն բան ահաւոր պարզութեամբ, պեխաւոր հանդարտութիւնը անզգած նախատինքի մը նման նետելով դատարանին խուլ, խոր, սո՜ւտ թէ իրաւ վրդովումին [21] պատճառախոյզ փութկոտութեանը երեսին [22] դատողներուն, բացատրական մոլուցքին անձնատուր մարդիկ, երեւան էր հանած ուրիշ սարսռազդեցիկ ճշմարտութիւն մըն ալ, զոր փառաւոր կինը (պէտք է շնորհել անոր սա արժանաւոր, իրաւափառ վերադիրը, վասնզի կը մօտենանք հանգոյցին) պոռացեր էր, հոյակապ, ընդքարշող, դիւային պերճախօսութեամբ մը   --զուր տեղը չէ, որ կիները վէզիրներու ծոց պառկելէ ետքը, խենթերն իսկ կը յաջողին կապել իրենց պեխերո՜ւն հմայքին--   գեղանձն ու շքեղ հագուած նախագահին երեսին. ով գիտէ ի՜նչ աղտոտ, զզուելի զոհողութեանց գնով, առնուազն ինչպէս շիլ ազդեցութիւններով բազմած սա աթոռին` դատելու համար ուրիշները ու չխորհելո՜վ՝ նախ ինքզինքը դատապարտելու աննահանջ հարկին։ Այո՞։ Թող հրամէին այդ նախագահ պէյերը անգամ մը գոնէ նախագաւիթը իրենց խղճմտանքին։ Թող հարցնէին իրենք իրենց։ Օ՜, պատասխանը։ Պերճախօս տիկինը չէր վարանած պետական վարչութեան ամբողջ իր դժնդակ փորձառութիւնները տարազել սա ժողովականներու քիթին ու բերնին։ Այո՞։ Ինք գիտէր բոլորէն աւելի։ Վասնզի մինչեւ սուլթանները ու մինչեւ օտար գրալ ները [23] իր մարմինը ճամբայ էր գտած։ Յետո՞յ։ Անշո՛ւշտ։ Մինչեւ ամէնէն խոնարհ սրտերը սա մեր աշխարհին, որոնք մեզի պէս հոգի մը ունին, ուղեղ ունին, ու չգիտնալը ճակատագիրն է իրենց։ Ու հարցուցեր պերճաբարբառ տիկինը   --անոր թուրքերէնը, պոլսական նրբութեամբ երաժշտութիւն էր սրահին մէջ ու տարօրէն երիտասարդ--    նախագահին երեսին։ Ի՜նչ կու տար արդեօք ականակուռ կուրծքով նախագահ պէյը, իր դուռը զարնող մուրացիկին, պատառ մը հացէն ու տոպրակ մը արգահատանքէն զատ, որուն կէսը երբեմն կը փոխանակուի հայհոյանքով ալ, ինք հաճի ըրած, քառսուն կանգուննոց իր փաթթոցին մէջ ինքզինքը զգեստաւորած, սրբացուցած. ի՜նք՝ որ պաշտօնական չորս իր կիներուն քով, հետ   --իրարմէ չորսական տարի ընդհատով-- (թուրքերուն սեռագիտութիւնը խոր է եւ փորձառական։ Աղջիկներու առատութիւնը քաջալերած է այդ բնազդները ատոնց մէջ։ Ամէն աղջիկ նորոգում մըն է ծերութեան հակած արուին համար) չորս տասն ալ [24] անպաշտօն հարճեր, վարձքով աղջիկներ ունէր տրամադրած իր միա՜կ զգայարանքին, առանց յիշելու բաժինները իր միւս քէֆ երու՛ն, բերնէ ու աչքէ, փորէ ու մորթէ։ Այո՞։ Թող հերքումն ընէր իր ըսածներուն, եթէ կը հաճէր հաճի պէյ, փաշա էֆէնտին։ Պերճախօս կինը անցած էր միւսներուն, անոր նոյնքան սուրբ, հաճի, պէյ ընկերներուն։ Թող հարցնէին ատիկա նախ իրենց, դատելու մղուելէ առաջ ուրիշներուն մեղքերը։ Ո՞ւր էր գիրքը, որ արդար հանէր սա սուտ, ոսկեզօծ, բայց գարշակառոյց արդարութիւնը դատարաններուն։ Վայելքին իրաւո՞ւնքը։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ինչո՞ւ միայն, իրենց պարունակէն։ Ուրիշներո՞ւնը։ Անճարակներո՞ւնը։ Անկարներո՞ւնը։ …Ի՜նչ կ’ուզէին իրմէ, քանի որ ուրիշ բան չէր իր ըրածը, եթէ ոչ՝ այդ ծուռ արդարութիւնը շտկել, ու վայելքը ընդարձակել։ Ի՜նք, ազնիւ տիկի՛ն, արժանի էր երախտագէտ փառաբանութեան եւ ոչ թէ սա անաստուած անարգանքին, քանի որ բարիք, միայն բարիք, անսահման բարիք էր տուած` հաւաքելով փողոցներէն ախտաժէտները, լուալով անոնց կեղերը շաբաթներով, օծելով անոնց գարշահոտութիւնը ազնուազգի իւղերուն փառքին մէջը, մատռուակելով անոնց կարօտակէզ դէմքերուն մեղրն ու շարպաթ ը աշխարհին ամէնէն քաղցր համերուն, ու՝ անոնց ծարաւահիւծ, այրեցաւեր խեղճ զգայարանքին ոսկի բաժակը անվերադիր վայելքին, գլխագիր Վայելքին, որ ազգերու գիրքերը, երգերը լեցնելէ զատ, իբր ամէնէն աննահանջ պապակը մեր մարմինին, կը դիմանայ անոր աւերակներուն ալ վրայ։ Որմէ ետք, այսինքն՝ զոր առնելու, ճաշակելու մեր ընդունակութեան կորուստէն ետք, կեանքը ինքնին մոխիր է կարծես, լեղիով խառնուած, լմուած ու բաղարջ դարձած, մեր ակռաներուն բռնի թխմուող։ Հարցուցէք ատիկա մեծ մարդերուն, տարիքով, դիրքով, խելքով մեծ ազնուականներուն։ Անոնք պիտի չպատասխանեն։ Բայց անոնց թարմատի կիները, անոնց փոխարէն շատ պերճ տուած են արդէն հարցումին պատասխանը։ Թուրքի պալատ մը հոյակապ դրուագումն է այս ողբերգութեան։ …Գէ՞շ բան էր վէզիրին [25] ըրածը, երբ, խնայելու համար այդ մոխիրին աղը այդ մարդոց լեզուին  --մինակ տարիքը չէ, որ մեզ կ’ընէ ծեր, այլ մեր արիւնին հասած կանուխ աղերը, մեր պապերուն թոյներովը տեղաւորուած մեր հեղուկ մարմինին արիւնին մէջ--    կը փակէր վարագոյրը մէկ անգամէն, բայց քիչ անգամ, ազատելով զանոնք սպասող անհուն զրկանքէն։ Ի՞նչ ունէին տեսնելիք այդ եղկելիները ուրիշ սա աշխարհէն, եթէ երանութեան այդ բացուող ու գոցուող երազէն ետքը, դարձուէին կրկին իրենց փողոցներուն, խշտիներուն կամ գերութեան։ Թող քարով կոտրտէին իր գլուխը, եթէ ճիշդ չէր խօսածը։ Ինք իսկապէս աստուածահաճոյ ու մարդավայել արարք մը կը կատարէր, աշխարհը մաքրելով իր թշուառներէն, բայց ժպիտի մը մէջ երազի մը վրայ սաւառնող, բայց կո՜ւշտ։ Նախագահ պէյե՞րը։ Թող փորձէին անգամ մը գոնէ տասնով, քսանով իրենց կիներէն մէկ հատիկը եթէ ոչ բաժնել այդ ցաւագարներուն, այլ սաւանէ ազատ աչքին դէմ բռնել, տասը փարայի համար փողոցին երգող տէրվիշին, որ, դեղին աչքերը աջ ու ձախ ծռելով, վանդակներուն ետին թրթռուն հանըմներուն պատկերը կը ծամէր իր երգին փշուրներուն հետ եւ կը քաշուէր կրկին իր խշտին, սատանայէ մը աւելի մեղաւոր, սեւցած հոգիով, անիծելով, սիրտը հովացնելու համար, սա արդարութիւնը, որուն խարանը կ’աւելնար իր սեփական կրակին, մարմինին մեծ պողոտաներէն։ Ու կը թքնէր գարշ իր սերմը իր ոջլոտ գղիաթին։ Ա՞յս էր կեանքը վերէն Բաշխողին անհասելի նախախնամքը իր ձեռակերտներէն։ Ինչո՞ւ, իր արդարութեան պատգամովը, նախագահ փաշաներուն կիները ըլլային այնքան հեշտախոյզ, ու փողոցի ցաւագարները՝ այնքան անօթի, մարմինէ՝ ինչպէս հոգիէ, իրենց բոլոր, բոլոր բերաններէն, չունեցած աչքէն ու կեղադրուագ [26] ՝ բայց դեռ բաբախուն ու կտրիճ, ժանգոտ՝ բայց հասակագեղ իրենց սեռային զգայարանքներէն…։ Հեքիա՞թ։ Արեւելքի գրականութիւնը, որ գրագէտներէն չսպաննուած ժողովուրդ տարրով ապրեր է դարեր։ Որքա՞ն՝ սուտին, հնարուածին բաժինը։ Որքա՞ն՝ իրականութեան նպաստը։ Չէքիրկէներուն բաղնիքները այդ կնոջ դրուագէն ասդին շարունակած են ընդհանրանալ։ Իմ օրերուս կնոջ մը անունով նոճագեղ դարաստանի մը խորը սիրուն շալէ   մը բաղդատելի էր պատմութեան ցուցմունքին։ Դարբին իմ եղբօրս հետ, ես, դեռ տասը չմտած, աշխատեր ալ եմ այդ շէնքին պարտէզները երկաթ ձողիկներով վանդակելու։ Կը խօսուէր կնոջ մը մասին, որ կէս գիշերուն, շղթայով մարմինը հիւսած՝ պտոյտի կ’ելլէր բաղնիքն ու ածուները։ Ես չտեսայ։ Բայց թարշամ բաղնեպանուհին, մեր սարսափէն հաճոյք զգալուն, կը պատմէր անոր զայրոյթը, երբ կը հարուածէր շղթային իրանովը աս ու ան պէյը, ծերացած՝ բայց չորս իր կիները առջին փաթթած բաղնիք փութացող։ Ես չտեսայ շղթայով կինը, բայց տեսայ միւսները, չորս հեղ, չո՜րս, իրարմէ աղուոր, որոնք բաղնիքէն դարձին, ապարանքին  --նոր ոճով պանդոկը-- սանդուխներէն, կը կսմթէին իմ դալկութիւնս, յամառութիւնս, իրենցմէ չփախչելու, զիրենք սեւեռող իմ աչքերուս պնդութիւնը սիրելո՞վ [27] թէ հալածելով։ Տասը չէի մտած ես։ Ու չէի հասկնար, թէ ի՜նչ կ’ուզէին իմ դալկութենէս։ …Կէս դարու կեանքով սա հեքիաթը դիմացած էր հոս, դերակատար կնոջ սա նկուղին մէջ արգելափակումով։ Հեքիաթը, ով գիտէ ի՜նչ զիջումով կը ճշդէ անոր ձերբակալումը պատճառող դրուագը, որ յիմար է, որքան յիմար է զսպանակը։ Ջոջ փաշայի մը պայազատն [28] է անիկա, վաւերական [29] ախտաւոր ու կիսով խենթ, ճամբայ ինկած դէպի կատարեալ խաւարում (ժողովուրդը տարտամ գաղափարը ունի սիֆիլիսին ջղային տեղաւորումներէն ու չի կասկածիր, երբ կը պատմէ այս յիմարացումները), որ փողոց-փողոց կը թափառէր, խելքը   --ունեցածը--  տուած ուղտի քակորներուն։ Անճառ իր ուրախութիւնը, երբ կը յաջողէր կարաւան մը ձգել ձեռք, օրհնեալ անասուններէն։ Կը հաւաքէր անոնց քակորները ու ճիտէն կախ թիթեղի մէջ դրած, յաղթական, երջանիկ, գեղեցիկ (անոր դէմքը կը պահէր փաշա հօրմէն գեղեցիկ կաղապար մը, թոյլ ու ճերմակ ու անարիւն ու գրաւիչ, երբ աչքերը գոցուէին, խնայելով այդ պատկերին՝ իրենց անհեթեթ անասնութիւնը, որ ուղեղէն զարնուած մարդոց արտայայտութիւնը այնքան վճռական ձեւով մը կը մասնաւորէ) կը պտտէր հրապարակ-հրապարակ, լոգմա ՜ ծախելով, քակորները մէզին մէջ շաքարոտելէ ետքը։ Կը ձգեմ այս խուժդուժ տրտմութիւնը` հետեւելու համար այդ պայազատին, որ, փայթոն ը ներքին [30]  տեսնուեր էր ոճրագործ կնոջ բնակարանին մէջ, հագուած ամէնէն աղտոտ գլխարկները մուրացկանին, ճեմելէ ետք գիւղակին ընդարձակ արօտներէն, ափ-ափ արծաթ բաշխելով կառքը պաշարող զուարթ լակոտներուն, անոնց գովելով քակորներուն շաքարն ու շարպաթ ը։ Յետոյ, հետախաղաղ կորուստ։ Ըսի, թէ այս անհետացումները կ’անցնէին [31] աննշմար։ Բայց պայազատը մա՜յր ունէր, ազնուազարմ ու բարի։ Որ մեծացոյց բարկութեամբ մը իր տղան պահանջեց փաշա սրիկայէն, զայն ամբաստանելու չափ առաջ երթալով, այդ կորուստին մէջ։ Մեծափարթամ, «ի հաւէ» սրիկայ, այդ փաշան իր տղան հարցնելու պատրուակին տակ (գիւղակը կը պատմէր անոր տղուն բարիքները, բաշխած դրամները, իր ապրանքը գովող անոր եղանակը, ու կառապանին անունը, անհետացումէն դեռ օրեր ետքը) մտած [32] ներս, վաւերական թուրքի մը նման վարուած այդ կնոջ հետ, վռնտուած անկէ ու վերադարձած, պաշտօնապէս, ոստիկաններով, իրեն եղած նախատինքը դարմանելու տենդին մէջ, հրամայելով խուզարկել տունը վերէն վար։ Գտան անդունդը։ Երկու գործաւոր գրեթէ զոհած (ծծումբին հոտը խղդած էր այդ անզգոյշ մարդերը), իջնելով անդունդին կէսը, [33]  գտան շղթան, որուն ծայրը յարմարցուած կեռով մը դուրս հանեց շատ մը ոսկորներ, մարդու՝ բոլորն ալ։ Շատին կմախքը դեռ չէր քակուած իր ծխնիներէն։ Տարօրինա՞կ, այս ամէնը։ Այո՜, ինչպէս է ինքը հեքիաթը յաճախ։ Աւելի անակնկալը վերապահուած էր սակայն բանտին։ Արգելափակ կնոջ պահապանները քակեր, կոտրեր էին ատոր նշանաւոր շղթան, որ կը հիւսէր անոր ոտքերը, զիստերը՝ իրար կարելու չափ պինդ, ու արձակած բարեգութ անոր մարմինը։ Մնացեալը հասկնալի է ինքնին, թէեւ մանրամասն շփոթելի արարած մը չէ [34] փողոցի մուրացիկին հետ։ Բայց ո՞վ կը չափէ ճշդիւ անդունդները, որոնք մարդկային մարմին մը ունին իրենց պահպանակ պատեան։ Ո՞վ կը կասկածի, թէ հոգիի ի՛նչ մուրացկան է ամէն մարդ, որ կը ճգնի (բառը գործածեցէք ժողովրդական իմաստով) նման խուցէ մը դուրս պահելով՝ երկաթի տակ աղբի՜ւրը [35] ։   Աւելի՛ն. արգիլելով բերան մը զով բան իր տոչորած կոկորդին։ Պատկերը մեզի չափ մեղաւոր է, երբ մօտ է դրուած մեր զգայարանքներուն։ …Հիմա, կէս դար ետքը, հաստ ու ծեր դուռին վրայ, երկաթը աղիք-աղիք ու օղակ-օղակ կը շարունակէր ողջ պահել, փոխուող սա մեռնող պահակներէն բարեպաշտօրէն յաջորդներուն փոխանցուած ու անհաւատալի հեքիաթը, բարիք, այսինքն՝ մահ բաժնող կնիկին` երանի խլելով անոր տարագեղ յիշատակին։ Մարդիկ, ոստիկաններ կրկին, կ’աւաղէին ներկան, որ այդ խորհրդաւոր խորշը յատկացուցեր էր հեքիաթին հակադիր իմաստին, տանջանքի իբր վայր՝ զայն շահագործելով, քանի որ աչքէ ու ականջէ հեռու էր անիկա։ Անոնք գլուխ թօթուելով, կը հերքէի՞ն բարեպաշտ ու բարեբաշխ, բայց քիչ մը անսովոր սա աւանդութիւնը։ …։

 

Սողոմը հոն գտաւ Ակնաղբիւրի յեղափոխականները։

 

Քարա՞յր մը։

 

-- Կատարելապէս։ Աս էր անոր առաջին զգայութիւնը։

 

Գմբէթին բարձրօրէն խոնարհումը [36], ու աւրուած, բայց ասեղ-ասեղ մորթի դպող անոր օդը, խորշէն ներս, չէին կրնար մեղմել անոր միւս սփոփանքը [37], որ ծնունդ էր առած [38] գետնուղին մտած րոպէին։ Չորս զինուորները, երկուքը առաջ ու երկուքը ետ, փոյթ ունէին իրեն խնայելու փորուածքին յստակ տեսիլը։ Ու կ’անգիտանար անիկա պատճառը այս զգուշութեան։ Երկու կանթեղի մէջ, որոնց լոյսը ճարտար սքողումով գետին միայն կ’իյնար, անիկա քալեր էր, մահուան գացողի շեշտ գիտակցութեամբ։ Հողին փորին մէջ այս գնացքը այս կերպ կը տպաւորէր [39] սա պատանին, որմէ խուսափած արիւնը զինքը կ’ընէր տարօրէն տրամադիր զգայախաբական սա շեղումներուն։

 

Քարայրին մէջ անիկա քիչիկ մը թուլցաւ իր սարսափէն, որ սովորական վախէն կը տարբերէր պատճառի բացակայութեամբ մը։ Մահուան հետ հաշտուիլը մեզի բարիք է անշուշտ, ու մեծ ալ կորով։ Բայց կը նմանինք մէկու մը, որ լերան մը գագաթէն ինքզինքը վճռած է արձակել վար։ Պիտի չվախնայ յատակի պատկերէն, քանի որ պատրաստուած է ատոր։ Մինչեւ վար, գլորման զգայութիւննե՞րը, սակայն։ Սողոմը այդ տղան էր հոդ մտնելէ առաջ։

 

Անոր աչքերը գրեթէ արցունքով ողջունեցին լոյսը։ Բայց ահա տարադէպ։ Ան ինքզինքը գտաւ այն վիճակին մէջ, որ անոր սկսող պատանութեան ամէն վաղայարոյց, բայց յամառ զգայութիւնն [40] էր, միշտ իրենց եկեղեցիէն։ Վասնզի այդ լոյսը, տարօրէն հարազատ, կը նմանէր ուռկանուած այն դեղնութեան, որ ժամուն գանձատունը կը լեցնէր, երբ տաղաւարներուն, եկեղեցին զարդարելու համար, կ’իջնէին հոն, չորս-հինգ ոտք սանդուխ ցածնալով հողին ընդերքը։ Պիտի կրէին, աւուր պատշաճի, կանթեղ ու խաչվառ, սկիհ ու շուրջառ։ Ծերունի քահանան կը դնէր աշտանակը մանրահիւս թել վանդակէ մը ներս, հաւանական հրդեհէ զգուշաւոր (հոն այրող քահանայի պատմութիւնը անմոռանալի կը մնար հրաշքովը մարմինին մարխի պէս բոց առնելէն, բայց ոսկեղէնին եւ մետաքսեղէնին անվթար մնալէն։ Գեղացին չի կրնար խորհիլ, որ փակ այդ նկուղին մէջ թթուածինը տէրտէրը միայն խորվելու բաւեր էր` ակամայ խնայելով թանկ զգեստեղէններուն, կանթեղը շրջելով, որպէսզի այրէր ու մոխրէր Յիսուս Քրիստոսի փառքին նուիրուած սա սպասները) [41] ։ Ոսկին ու արծաթը այդ մաղ-մաղ թորուած պայծառութեան տակ կը սարսռային, ընդհանրապէս մարմինի մասեր՝ Քրիստոսէ [42], Ս. Աստուածածինէն, եւ կամ ուրիշ աւելի հաստ սուրբերէ։ Իրենց մէկ կողմովը միայն տեսանելի այդ անդամները, երեսները, դողացող փայլին մէջ կը թրթռային տեսակ մը խորութեան մէջ, շնչեղէն բան մը առնելով քիչ-քիչ, դղրդելով Սողոմին ուղեղը, որուն ամէն մէկ խորշին, նախնական մարդոց այնքան սիրելի հրաշալին հանգոյցներ ունէր, աս ու ան սուրբէն, ճինէն, դեւէն, այդպէս գանձատուններու մէջ դարանակալ, բայց օգտագործող հոգիին մերկ պահը` հոն մտնելու համար բռնի։ Կ’ըսեմ ասոնք, վասնզի իմ ալ ուղեղիս մէջ այդ էակները նուազ տառապանք չեն բանած, մինչեւ իրենց չքացումը։ Սողոմին համար գանձատունին մարդկեղէն ու անմոռանալի հրաշքը սակայն պատկերն էր մեծ շուրջառին --որ լսածիս համեմատ՝ 1933ին վաճառուած է Սելանիկ, յոյներուն--, երբ մութ մետաքսէ անոր ծածկոյթը առնէին մէկդի ու երեւան գար մարմինը, քիչիկ մը խնկագոյն յատակի վրայ, արծաթ դոնդողի մը լճակին մէջ, սառած սերկեւիլներուն թէ տանձերուն արիւնոտ գլխիկներովը ոճաւոր։ Այդ շուրջառը, որ սուլթանուհիի մը մահիճը կը ծածկէր, ըստ աւանդութեան, ու հաճի Արթինին վարպետութեամբը կործանած եպարքոսի մը աճուրդէն գնուած, միսթիք ազդեցութիւն ունէր պատանիին վրայ։ Սառած դոնդողին բիւրաւոր փոսփորափայլումին մէջը, պտուղները, թափանցկացած, կը թուէին կրակէն նոր վար առնուած քաղցուեղէն, ու դրուած սա արծաթ շաքարջուրին, որ կտաւն էր անոր։ Այս ամէնը, այնքան պարզ, այնքան իրաւ, որ Սողոմին վախ կու գար ձեռք երկարելու անոր մարմինին, վախը՝ անուշին սեղանը թափելու…։ Գերիրապաշտութիւն չէ, որ կ’ընեմ։ Մարդկային հոգին այս է, յոգնած ընթերցող։ Դուն պէտք է գրես քու վէպդ, որպէսզի տեսնես, թէ ինչերո՜ւ կրացում է հիմա քու մարմինդ։ Թէ ի՜նչ դիւրութեամբ, մեզմէ ոմանց տրուած է վերադարձ կրնալ իրենց հիմնական մասին։ Եւ ուրիշներու՝ որքան արգիլուած, քանի որ այդ հոգին դադար չէ առած։ Գերիրապաշտ վէպ մը չէ ատիկա։ Բայց ըսեմ, որ գիտնաք։ Պարապ տեղը չէ, որ մարդ տիրացու կը ծնի։ Նոյնիսկ բանտին մէջ, նոյնիսկ մահուան կլափին մէջ տիրացուն աս է ահաւասիկ։

 

Քարայրին կանթե՞ղը։

 

-- Պատին մէջ փորուած ծակ մը։

 

Զոր կը վանդակէր բաւական խիտ ցանցով թել ուռկան մը, հաստ տեսակէն։ Անիկա մօտ էր գմբէթի շրջագիծին, վեր՝ մարդերու հասողութենէն։ Զօրաւոր կղպանք մը զայն կը պաշտպանէր դուրսի ձեռքերէն։ Յեղափոխականները գիտէին, բայց Սողոմը կ’անգիտանար մէկ-երկու տարուան պատահար մը, ուրիշ բանտէ մը, ուր, սա քարայրին նման խորշի մը մէջ, հայ մը, իրեն չափ մատաղ, չդիմանալով տանջանքին, կրակած էր ինքզինքը, գործածելով նման կանթեղ մը։ Փորձառութի՛ւնը։ Թուրքերը մահուան հանդէպ ժլատ են, երբ չեն գոհացած, չեն կշտացած։ Պատուհասումը բնախօսական պահանջ մըն է իրենց մէջ, զոր կ’աշխատին չհերքել, մա՛նաւանդ կեավուր ին վրայով։ Իրե՜նք՝ այնքան առատաձեռն, երբ կուշտ են, հարիւր հազարներուն վրայ արձակելու համար անոր մահուան բիւրաւոր բազուկները։

 

Չհարցուց սակայն։ Վասնզի այցուած էր նոյնքան տխուր ու դաժան ուրիշ պատկերէ մը, պատմութիւն մը աս ալ, իրենց ժամուն համբաւով մէկ ուրիշ զարդէն, քառսուն մանուկներու քառսուն աչքերով մէկ ջահը ատիկա, նուէ՜ր՝ գեղին մեծկակ մէկ մեղաւորէն, որ, ազդեցիկ ու հարուստ, չէր հանդուրժեր իր տունին մէջ երիտասարդ իր կնոջ հիւանդութիւնը  --բարակ--   ու տունին ծառային շալակը դրած՝ ղրկեր էր մօրը տունը, հակառակ կնոջ աղ-արցունքին։ Կինը մեռեր էր, առանց անիծելու քաջասիրտ մեծատունը զաւկըներուն սիրոյն, բայց մեր բարութիւնը իր հականիշովը կշիռի կ’ելլէ։ Ու օրէնք է, որ ամէն գթութիւն փոխարինուի հսկայ ապերախտութեամբ մը։ Այս օրէնքը ապացուցանելու համար մեծատունը իր անզգամութեան վրայ աւելցուց ուրիշ մը, աւելի մեծ, աւելի անգութ։ Իր երկրորդ կնիկին  --կարգուած էր անիկա մեռելին քառսունքն իսկ չյարգելով, Մեծ-պահքի մէջ պսակի անկարելիութիւնը պատրուակ բռնած--    վախին ու թելադրութեանը տակ, իր վեց զաւակները    --հասկնալի՝ մեռած կնիկէն--   մեծը տասներկու, կրտսերը հազիւ քայլ ելած, նոյն անսրտութեամբ հեռացուց իր տունէն զոքանչին   --մեռածին մօրը--  վրայ ղրկելով այդ անուշիկ տղաքը, իրարմէ աղուոր, իրարմէ տխուր, ոսկի մազերով, յուլունք աչքերով։ Ուր, մէկիկ-մէկիկ, չորս-հինգ տարուան ընթացքին մեռնէին պիտի, նոյն անհասկնալի ցաւով, որմէ ինկած էր արդէն անոնց մայրը։ Հարուստը չի վախնար գեղին կարծիքէն։ Զինքը մեղադրեցին, բայց չկրցան կակուղցնել իր սիրտը։ Անիկա պիտի վախնար մղձաւանջէն, որ հոգէառին նախատօնակն է, միշտ ատ գեղին կարծիքովը։ Ու եղաւ ինչ որ կը վախնար անիկա, դիմաւորելէ, գիշերայցութիւնը՝ մեռելներուն։ Անոր քունը խանգարուեցաւ վերջին գերեզմանէն դարձին, երբ երկրորդ կնիկին ծոցէն անոր տրուեցաւ առաջինը տեսնել, առողջ ու աղուոր, պարման իր շնորհին մէջ    --աղքատի աղջիկ էր անիկա ու արտակարգ իր գեղեցկութեան համար հարուստի հարս գացած--  զգլխիչ ու անմատոյց, զինքը տանջելով պատկերովը իր անարատ մարմինին, ու խուլ պժգանք զարգացնելով իր մէջ, երկրորդ կնիկէն։ Պատուհասումը հոդ չմնաց։ Անիկա իրեն հետ բերաւ իր զաւակներն ալ, բոլորն ալ լոյսի պէս աղուոր, մարդ ու հրեշտակ նոյն ատեն, սրտառուչ ու լալով, որոնք կու գային շարուելու իր դագաղին շուրջը, ամէն գիշեր, ձեռքերնին հասակովնին մոմ՝ անշարժ ու տխուր, ինչպէս կ’ըլլան տիրացուներունը ժամուն ատեանը, մահաբեմին երկու քովերը, հանգստեան կարգին ամբողջ տեւողութեան, դալուկ մեռելին վրայ ցաթելու համար մանուկ ու միամիտ իրենց կսկիծը, հազար օտարէ։ Ի՜նքն էր, իր դագաղին մէջ, ահռելի իրապաշտութեամբ մը, փեսութեան շարով, չուխա վարտիքով, քիրմանի շալով։ Կ’արթննար, ու անոր տղաքը հանդարտ, իրարու ետեւէ կը հեռանային` հետզհետէ հատնելով, մոմի լեզուակ մը մնալու աստիճան։ Կէս գիշերէն ժամ մը ետքը, սա տեսիլքը անոր պատուհասումը պիտի ըլլար, աստուածայարդար, ու պիտի արգիլէր անոր քունը գիշերուան մնացած մասէն, մէկ կողէն միւսին դարձնելով անդադար, ու աւելի տխուրը՝ խոր գարշանք առթելով ծոցի կնիկէն, որուն խելապատակէն բխած էր անաստուած կարգադրութիւնը իր տղոցը մասին։ Նիհարցաւ անիկա։ Ու խոստովանահայր տէրտէրը, Աստուծոյ մատը տեսնելով այս տագնապին մէջ, թելադրեց անոր Երուսաղէմ մը։ Հոն, մեծամօրուս վարդապետ մը, քիչիկ մը սուրբ ու փախուկ, որ թուղթ կը բանար ու նուսխա կը գրէր, զայն սրտապնդեց` յիշելով դրուագ մը նման հալածման։ Դեւերու գործ էր այդ պուկի ն։ Ու վարդապետին դարմանն էր եօթնարփեան ջահը, մեծ ողկոյզ մը կանթեղներու ձոյլ արծաթի մէջ փորուած, մէջտեղինը մեծկակ   --մա՜յր--, որուն փարած էին ջուխտ-ջուխտ՝ զաւկըները՝ երեք զոյգ։ Այս նուէրը, մեծամօրուսին հաւաստումովը, բաւ էր կակղելու Աստուածամօր սիրտը, որ պաշտպանն է բոլոր անիրաւուած մայրերուն։ Այն պարագային, երբ գոհացում չի ստանար սուրբ Տիկինը, հաճիին պարտք կ’իյնար զաւկըներն ալ ընել հաճ, քառսուն աչքնոց միակտուր կանթեղ մը հանդերձել եօթնախորան յարդարմամբ, կրկնելու համար խորհուրդը եօթը երկինքներուն «վասն քաւութեան ծովացեալ մեղաց իւրոց»։ Երանելի ժամանակներ, երբ աբեղաներն բեմերու ֆանթոշ ներ [43] չէին, այլ՝ մեր ժողովուրդի հոգեկան մէկ կռանիտացումը։ Հաճին, դարձին, մեծ երկիւղածութեամբ, ձեռքովը հանեց սնտուկէն եօթնաղբար ը, որ հաճի Արթինէն նուիրուած հանրածանօթ կանթեղախումբէն մեծ էր հասակով, բայց կը կշռէր անկէ եօթը հեղ պակաս։ Նալպանտենց կանթեղը երեք հոգի հազիւ կը տեղափոխէին։ Նոր հարուստը, դեղնած իր ձեռքերովը կրեց զայն տաճար։ Տէրտէրը յիշեց Անանիան եւ Սափիրան։ Բայց միտքէն։ Յայտնի էր Աստուածամօր սիրտը պիտի չկաշառուէր այդ նոր, այսինքն՝ թուղթ արծաթով։ Ի վերջոյ սիրտը մեր միսերուն մէջ ա՛ն է, որ խորք ունի։ Նկարին առջեւ, կանթեղին մէջ այրելու դրած ձէթը ջո՜ւր կը դառնար ինքիրեն, կէս ժամէն ու կը մարէր աղմուկով -- [44] նշան՝ ուխտին ընդունական չըլլալուն։ Անիկա պարտաւորուեցաւ գործադրել մեծամօրուս աբեղային երկրորդ պատուէրը։ Քառսուն աչքնոց ջահը, գագաթին մեծ կանթեղը --մա՜յրը--   Մեծ-պահքի եօթը շաբաթները յիշեցնող խորհուրդով մըն ալ, եօթը բոլորակներու վրայ ամբարձիգ [45] ։ Գագաթի կանթեղին իւղը կ’այրէր հիմա գիշեր ու ցերեկ, պահարանի պատկերի մը դէմ, ան ալ Աստուածածնին, մուրատատուր ու հիւանդահաս։ Մեծ-պահքի չորրորդ եօթնակին Շաբաթ օրը, քառսուն ալ աչքերէն լուսաւոր կու գար [46] փողփողելու ատեանին կեդրոնէն կախ «Վերիսաղիմու» մեծ ջահին քովիկը, անկէ վար չմնացող գեղեցկութեամբ մը։ Այո՜։ Մենք շինուած ենք մեզմէ ու մենէ շատ դուրսէն սա փշրանքներով։ Ու մեր հոգին համադրութիւնն է ուրիշներու մեղքին կամ բարիքին։ Պարապ տեղը չէ, որ մարդ տիրացու կը ծնի։

 

Սողոմենց տղան փոխուած չգտաւ երկու յեղափոխականները։ Թերեւս լոյսին խաղցուկ ու մաղմաղ նկարագիրը դեր ունէր սա ձեւ տպաւորուելուն մէջ։ Երբ մեր անցեալը մեզի կ’այցելէ վերի վերլուծումին պայծառութեամբը, մենք կ’աղօտանանք մեր ներկայէն։ Ատկէ զատ, անիկա ունէր իր միտքին [47] մէջ թիւ տասներկու նկուղէն ուրուացումը անոնց դէմքին։ Քիչ առաջ՝ մոխիրնոցի տեսիլքին մէջ անոնց ճառագայթուն երիտասարդութիւնը։ Կու գան, կը դպին ու կ’անցնին պատկերները, անկարող կենալու մեր մտքի տախտակին, երբ շատ հզօր զգայութիւն մը, վախ կամ յուզում, դղրդումի է հանած անիւները ժամացոյցին։

 

Սրտաշա՞րժ, անոնց հանդիպումը։

 

-- Չեղաւ։

 

Յեղափոխականը, ասպարէզի հարկադրանք, դիմախաղի մեծ մարզանքներէ անցած, անզգալաբար վարժուած է պահել իր տպաւորութիւնները, մա՛նաւանդ սանկ բանտերու ծոցը։ Մշտական վտանգը, որ ա՛լ մթնոլորտ մը դարձած է անոր հոգիին, ինչպէս՝ փոթորիկն է մրրկահաւուն, ու կամաւոր զոհը, զոր ըրած են յօժար, մարդկեղէն զգացումներու մէկ ստուար մասէն, զիրենք կ’ընէ սանկ օտար մարդեր, դանդաղ՝ [48] դիմային արտայայտումը առնելու, ինչպէս տալու համար խորունկ յուզումներ։ Մահուան զինուոր մը շատ ալ չի տնտնար ընթացիկ զեղումներու, պարտքերու շաւիղներուն։ Բանտին մէջ, սա վերապահումը յեղափոխօրէն անխուսափելի, դարձեալ ի զօրու է արտաքին, այսինքն՝ բաց աշխարհին ալ վրայ, ուր նոյն վտանգը աւելի ընդարձակ, այլամերժ [49] ծիրով մը կ’օղակէ զանոնք, վտանգը հայէն ու թուրքէն, զէնքէն ու քունէն, թուղթէն ու լեզուէն։

 

Ասո՞նք։

 

-- Կ’ընէին այդպէս, ինչպէս կը գիտակցէր Սողոմը լսած ըլլալ, Ակնաղբիւրին, Մօրուքին բերնէն (Մաթիկ Մելիքխանեանց, [50] աս էր անունը փոքր յեղափոխականին, թէեւ անիկա չէր ծածկած ատիկա, անհասկնալի անփութութեամբ մը։ Սողոմը մոռցեր է ադ քիչ մը երկար անունը որուն պէտք ալ չունէր։ Անունով չեն աշխատիր մարդիկ, այլ՝ անանուն) յարգելու համար յիշատակը եւ անմոռաց դասը խանդավառ ընկերոջ մը, որ Վանայ թէ Մշոյ գեղերէն մէկուն մէջ, առանց ուզելու մատնած էր տեղացի երիտասարդ մը, կուսակցական ասիկա, անխոհեմ եռանդով մը համբուրուելով անոր հետ։ Դիւրին ասպարէզ չէր «էդ յեղափոխութիւնը»։ Հայրը իր տղան ճակտէն պագնելով մահուան կը ղրկէր։ Տղան իր հօրը դիակը, առանց արցունքի, գերեզմանին կը յանձնէր։ «Էդ էր պատճառ», որպէսզի «բազումք» լինէին «կոչեցեալք, եւ սակաւք ընտրեալք»։ Այո՜։ Կռիւ, «էդ գեղում», քիչ ետքը։ Զօրքերու բազմանալը։ Նահանջ։ Նոյն օրն իսկ թուրքերը բռնած էին կռուողներուն հետ չփախած երիտասարդը, ու ծեծի տակ մեռցուցած, հասկնալու համար անունն ու հանգամանքը զինքը համբուրող ֆետայիին։

 

Երկու երիտասարդները չշարժեցան իրենց տեղէն։ Ըրին այդպէս, վասնզի ճանչցեր էին սպան, զիրենք տանջող մարմինին պարագլուխը, կտոր-բրդուճ հայերէն հասկցող, [51] որ [52] իր ամբարտաւան տաճկութեան մէջ ինքզինքը կը քառակուսէր հայերու հանդէպ անսովոր ատելութեամբ։ Եղան այս մարդերը, որոնք գլեցին չափը իրենց զգացումներուն։ Յեղափոխականները մնացին անտարբեր, հիմնովին օտար, սպային նայուածքին ներքեւ, որ հաւանաբար թաքուն նպատակներով սա տղան կը բերէր իրենց, երբ կանխող ծեծերու ընթացքին, անոնք զայն չճանչնալնին յայտարարեր էին բացարձակ։ Կնճռոտ, դէմքը թթուեցուցած՝ սպան ելեր էր քարայրէն, նեղուած գորշ ձէթէն։ Բայց մնացեր դուռին։ Անոր զննութիւնը, կղպանքի կէտերէն։ Հայհոյութի՛ւնը։ Փնտռտո՜ւքը։ Զինուորներուն հասցէին շողիքոտ նախատինք մը։ Բոլոր կեավուր ներուն մոյկերուն ներքեւ գըթըր-գըթըր կոխոտումը։ Բաներ ասոնք, որոնք տեղի ունեցան մեծ ու սառած լռութեան մը մէջ։

 

Անտարբեր, զուսպ։ Յեղափոխականներու սա անզգած կարողութիւնը անցա՞ւ Սողոմին։

 

Անշուշտ չունէր անիկա բաւական խելք ու փորձառութիւն՝ գուշակելու համար այս արարողութեան բուն զսպանակը, քանի սպան, առերեւոյթ անտարբերութեան մէջ, ամենամեծ լարումով մը կը հետապնդէր նորեկին դէմքի ամէնէն նրբին արտայայտութիւնն ալ։ Այնքան անճարակ էր անիկա այս յանձնարարուած դերին համար, որ տղուն նայուածքին տակ աչքերը կը շեղէր` խորունկ ու թաքուն հեգնութեանը արժանանալով միւսներուն։ Յոգնեցա՞ւ, թէ ամչցաւ։ Խուլ, կնճռոտ անտարբերութեամբ մը, քաշեց դանդաղ շղթայապիրկ դուռը, որ, դողդղաց ու հեծկլտաց, ինչպէս կ’ընեն ժանեկազարդ բոժոժները, թլփատութեան հանդէսներու ձիերէն, երբ ասոնք իրենց գաւակը կը թօթուեն ուրախ։ Վերէն, կամարը, խուլ թնդիւնով մը արձագանգեց, բաղնիքներու մէջ սովորական հագագային եղծումները [53] արթնցնելով տղուն մէջ։ Բան մը, մեծ ակռայի մը նման, ճրճռաց դուռին շրթներէն։ Այսպէս առանձնացած խորշերու մէջ, ծխնիները եօթը տարին հեղ մը անգամ իւղ չեն տեսներ։ Խնայողական, աւելի ճիշդը՝ կարգապահական հաշիւները այս ու այն վերատեսուչին մեծ խելքը փաստելու կը ծառայէին, երբ փախուստը արգիլելու համար ամէնէն փոքր նպաստն իսկ խորանարդ կարեւորութեամբ կը հանէին արժէքի։ Մէկը պատգամած է այդ փաշաներէն. «Ձայնը զինակից է իշխանութեանց»։

 

Յետոյ, խուլ ուրիշ հարուած մը նորէն, դրան պորտին։ Ասիական կանխահոգութի՞ւն, թէ պետական հրահանգ։ Սպաները բանտաքաղաքին բոլոր դուռները ամուր կը բռնեն` մոռնալով միայն, երբեմն-երբեմն, դուռները ուտեստեղէնի մթերանոցներուն, որոնք լաւ կղպուած չեն ըլլար, երբ գիշերը, երեսի վրայ բաց կը գտնուին աչալուրջ պահակներէ։

 

Ու քայլեր։

 

Սկիզբները՝ որոշ։ Հետզհետէ՝ աւելի վեր։ Սողոմը առաջին անգամն էր, որ կ’առնէր իջնելու, խորնալու սա զգայութիւնը, ուրիշներու ելքովը, բարձրացումովը պայմանաւոր։

 

Հատան ձայնի այդ կայլակներն ալ` ըսես ծնելով հողին մեծ ընդերքէն։ Ու նկուղը, շղթայով սենեա՜կը՝ դարձաւ իր լուսակոծ ամայութեան։

 

«Վերջապէս», պիտի բացագանչէր հաւանաբար, սիրային թերթօններու ճարտար յարդարող մը, երկու սիրահարները, բազմապտոյտ իրադարձութիւններէ ետք, իբրեւ առանձնարան մը առաջնորդելուն մեծապէս ուրախ։ Չըլլալով այդ թերթօնագիրը, կը ձգեմ տղան սա խորունկ լռութեան ծոցը` հետեւելու համար անոր ուղեղը կրծող ուրուախաղին, որ մարդոց մէկ մասին մէջ կեանքէն աւելի կ’արժէ երբեմն։ Առէք արուեստագէտէն իր երազանքին, զգայութեանց, կիսակամ իղձերուն նեւտոնեան սկաւառակը, մնացեա՞լը։ Հաստ քաղքենին է կամ թշուառ թափառականը։ Ու ատիկա այսպէս՝ նաեւ դաշտին մէջ ցորեն քաղ[հա]նող [54] հարսնուկին համար։

 

Սողոմը, մթնոլորտէ մթնոլորտ իր փոխադրումներուն մէջ, կարծես աւելի բարակցեր էր իր ջիղերէն, որոնք բուռն զգայութեանց պարախումբէ մը փոխն ի փոխ կը պրկուէին ու կը լքուէին։ Տարօրէն գերզգայ, [55] մոխիրնոցի գրեթէ բացօթեայ, բազմամբոխ, բաղնիք կամ հրապարակ թելադրող կայանէն՝ սա փոսը, վիմափո՜ր քարայրը, որ կը յիշեցնէր իրեն ծանօթ, ընդերկրեայ գերեզմանները, այնքան յաճախադէպ Նիկիոյ լիճին երկու ափերուն, անիկա, անցումներուն արագութեան տակ, անկարող էր ինքզինքը հաշտեցնել, մէկ գիծի բերել իր զգայապատկերներուն, երկու երեսով, ներսէն՝ ուղեղին տակէն, յորդ ու բուսական, անսպասելի՝ ինչպէս յիմար, զինքը հեռուները հանող մեծ ծփանքի նման, կանթեղէ մը դէպի անցեալը հրուող, դուրսէն՝ ոտքին, մորթին, աչքերուն ճամբաներովը, որոնք ի վերջոյ կը յանգէին միշտ նոյն անցեալին։ Մօտիկ անցեալը, այս փայլակումներու ընթացքին, կը նմանէր լեռնամասի մը, զոր թանձր մշուշ մը սքողուած կը պահէր անտեսանելի, բայց նոյնքան ահաւոր։ Չես գիտեր ինչո՞ւ ողջ-ողջ թաղուելու իր սկզբնական զգայութիւնը կը յամառէր աճիլ ու ճշդուիլ։ Հեքիաթներուն մէջ սիրական տարազն էր այդ թաղուիլը, որուն կը մտածէր անիկա զրոյցին աւարտումէն ետքն ալ, ինքզինքը դնելով տեղը պատմութեան հերոսին, երբ յանկարծակի բացուող լեռնէ մը ներս կը քալէր [56] տղան ու չէր մեռներ վախուն, լերան իր վրայ փակուելէն վերջը։ Մատչելի՞, գրեթէ՛։ Այդ հեքիաթներէն դրուագ մը։ Ջրհոր մըն էր ատիկա, կախարդուած պարտէզի մը խորը։ Իր սիրածը --զոր դեւ մը գողցեր ու առեր-տարեր [57] էր այդ ջրհորէն վար--    հետապնդող երիտասարդը մօտիկը ծաղկող վարդենիէն սորված էր գաղտնիքը, կախուիլ չուանէն, իջնալ վար, մինչեւ որ երկու ոչխարներ երեւէին։ Սեւին վրայ նետուիլը զինքը կ’առաջնորդէր վարի աշխարհը։ Ճերմակին վրայ նետուիլը՝ ճամբա՛ն, դէպի սիրածին։ Հեքիաթը կարճ չի պատմեր։ Երիտասարդը սեւին փոխարէն ճերմակին կը հետեւէր։ Ու իջեր, իջե՛ր, իջե՜ր, մինչեւ փորը երկրին, անդիի աշխարհը, ան ալ մերինին պէս հողով ու քարով, վարդով ու փուշով…։ Այս զգայազեղծումները բացատրելի են գեղացիներուն մէջ, պատանեկան կեանքին չտարազուած հոծութեամբը, որ հեքիաթով կը սնանի առաւելապէս, քանի որ զուրկ է քաղաքին բազմաստեղծ նպաստներէն։ Կը ձգեմ անոր ուրիշ տպաւորութիւնները՝ ծանրանալու համար հիմնականին։ Անիկա, փապուղիէն էջքի ընթացքին, շղթայով սենեակ մուտքէն, դրան փակումէն ալ ետքը, հզօր ճնշումին տակն էր մեծ մղձաւանջին, որմէ, հակառակ ճիգին, չէր կրնար ինքզինքը ազատել, այնքան մոխիրնոցի տեսիլքը պայծառ փորուած կը տանէր իր ուղեղէն։ Քալեր էր դէպի փոսը, զինուորներէ շրջապատ, բայց քալեր կարծես մէկ թեւին [58] մէջը այդ բազմածալ երազին։ Նիկիոյ լիճի ափերուն ըսի, թէ կան այս կամարակապ ճամբաները, գետնափոր սրահները։ Բայց վտանգաւոր են, օձերուն ու կարիճներուն չափ, հոն պահուած քընց-մեզ-աղէկ ներով …։ Անիկա անգամ մը ինկեր էր ալ գետին` շփոթելով հողին ափը, որով դէպի շղթայով սենեակը կը ցածնար անիկա։ Քիչ մը արագ, հեքիաթին թելադրած էջքին հետ, ուղիղ՝ սիրտը երկրին…։ Շփոթեր՝ վասնզի կը վախնար իր ուղեղէն ճառագայթած տեսիլքին հաշւոյն։ Կարկամ մատներովը բռներ էր շրթները՝ թունդ առնող երգը արգիլելու համար, երազէն գալարափողուած սրտառուչ պատգա՛մ, որ ուժ կ’առնէր երկու աշխարհներէն ալ…։ Երդումներ, սրտագին, խորունկ, Ազատութեան երգին զուգընթաց…։ Դարբին Թորոսը եւ անոր դիմածռումը, հրացանին բլթակը համբուրած ատեն…։ Շատ գիտցուկ, հաջան Ուստիանը, գերեզմանի դուռին, դրամներու տոպրակը մէջքը թխմած պահուն…։ Ընկերներ, առջի անուշիկ բանտէն, մէկը մանաւանդ, որ քալեր էր իրեն հետ, Նալպանտենց տանիքէն, ու չէր ձգած զինքը մինչեւ լուս, ոճիրին բոլոր արարմունքներուն։ Յետոյ՝ վարագոյրները այդ մեծ տրամին։ Նալպանտենց սանդուխը։ Տանիքը, իր քրտինքը՝ անձրեւանոցի կափարիչը փրցուցած ատեն։ Կատուները։ Աղուորը, որ անհուն պժգանքի մը պէս, թարախոտ ու հոտած, կը սեւնար անոր ուղեղին, մամուկի մը ուռած փորովը։ Սերոբին հռնդիւնը։ Հաճի Աննան։ Դանակին շշունջը։ Կրակը։ Կռիւը։ Ծեծը…։ Հիւանդանոցը։ Երկու թրքուհիները։ Բոլորը՝ պատէպատ գնացքով, առանց ժամանակի սանդուխին։ Թաւալգլոր այս փախուստին մէջը պատկերներուն, գրեթէ մօտիկ պատմութիւնը, որուն մէկ կարկառուն դրուագը` Սամիկ Սամունը, երկու ձեռքերէն չղջիկի պէս բռնած կինն ու աղբարը, գլխուն, իր թեւերովը ամուր օղակած իր վիզը, մանչուկը, ու մարմինին միւս գիծերուն՝ սատանաները, որոնք կրակէ նիզակներով կը շիշտէին իր միսերը, մինչ ուրիշներ երկժանիով կը բանային անոր բերա՜նը…։ Ու քոմիթա ները` ամէնէն պայծառ դէմքերը տեսիլքին, լոյս հագուած, ժամու պատկերի պէս (ինք պիտի ըսէր պարկենքի պէս ) գեղեցիկ, տխուր, սրտառուչ, ծռած, օդէն ուրուացող բանէ մը փախչող, որ կացին չէր, այլ՝ թաթ մը, հարիւր մատերով, կարճցած ու աճող, մօտիկցող ու հեռու, ձեւելով օդին մէջ անոնց փէշերուն խղդող օղակը, ուրուատիպ, բայց յստակ, անխուսափելի։ Ու այդ սպառնալիքին դէմ այդ մարդոց անայլայլ հանդարտութիւնը, մեծվայելչութիւնը, ճիշդ ու ճիշդ նահատակներու երանութեամբ, վերացած ահէն ու մահէն։ …Վերը` մոխիրնոցը, Սողոմենց տղան հետն էր այդ մարդոց, աչքերը գոց ու երգած պահուն։ Ու հիմա, այսինքն՝ քիչ վերջը, հողին փորին մէջ, դէմ դէմի անոնց։

 

Ու խաղաղութի՜ւն։

 

Հողին ընդերքին մէջ, ինչպէս Յովնանը «կէտին փորին մէջ»ը. մտածեց Սողոմը, բայց չարտասանեց։

 

Գմբէթին կոտրած մէկ աչուկէն հով մը, որ կը զարդարէր բանտուած բոցը, իր վանդակէն ներս, ուրուային, ծակ-ծակ, ծալ-ծալ կտաւ մը խաղցնելով ճակատի պատին։

 

Ու խաղաղութի՜ւն։

 

*   *   *

 

Ու ձայն մը.

 

-- Նստիր, աղբէր ճան, նստիր։

 

Երաժշտական, ներդաշնակ այդ աղբէր ճան ը ։

 

Ամէնէն դիմացկուն տարազը Սողոմին մէջ, սա մարդուն այնքան ըսածներէն, պատմածներէն. հիմա մոխիրին նման անցած ետեւը անոր մօտի յուշքերուն, զանգուած, պղտոր։

 

Պատանիներուն մօտ միայն կարելի այլուրութեամբ մը, որով այդ տարիքը այնքան բնական հակազդեցութեամբ ինքզինքը գիտէ ազատել մեծերը անդամալոյծ շղթայող հզօր կապերէն, այդ հնչումին հետ, Սողոմը ինքզինքը գտաւ թեթեւցած մէկէն։ Զուարթութեան, հանգիստի սա պահանջը կեանքի մութ օրերուն հակահարուածն է մեր մէջ։ Տառապանքի երկար հանդէսէ մը յետոյ, կարօտը ունինք սա խաղաղութեան։ Այս չկասկածուած ուժն էր, որ [59] աւլեց, պարպեց անոր ուղեղը, գէթ սա պահին համար, փոթորկոտ ու տխուր դրուագներէն, որոնք հիւսեր էին իր գլխուն՝ սա երկու ամիսներու ամօթանքն ու բեկումները։ Թուրքէն հեռու ըլլալու միամիտ պատրանքն ալ կ’աւելնար այդ յոգնութեան։

 

Տեսաւ, որ չէր նստած։

 

-- Հա՜, հա՜…

 

Սողոմն էր, բայց վարանոտ։ Տեղէ՞ն՝ թէ իրմէ վախ մը կը միջամտէր խօսելու պէտքին։

 

-- Աղբէր ճա՜ն։

 

Խոր իր ուրախութիւնը՝ գտած ըլլալուն շեշտը, որով խօսեր էր սա մարդոց հետ, Ակնաղբիւրին, երբ, տղու պէս ժպտեր էր իր յաջողութեան, անոր ձայնը հարազատ կաղապարելով։ Մի զարմանաք։ Ամէնէն մեծ պետական մարդն ալ այսքան յիմար է իր փոքր հաճոյքներուն կամ մեծ ապուշութիւններուն մէջ։

 

Նստի՜լ։

 

Դիւրին չէր ատիկա։ Գնդակով ծակծկուած անոր մարմինը քիչիկ մը ծուռումուռ բան պարտաւոր էր ըլլալու, խնայելու համար կարգ մը ցաւեր։ Վէրքերը բոլորն ալ չէին փակուած։

 

-- Նստիր, էլի։

 

Ու մանրիկ բռունցքը կրտսեր յեղափոխականին իջաւ յատակին։

 

-- Քեզնից ուժով է։

 

Յատակի մարմարն էր անշուշտ։ Թէեւ բարակ ու փոշոտ սեւութիւն մը ակնարկը շփոթ ընէր նայողին, առաջին յառումին։

 

-- Մարմար է, աղբէր ճան, մարմար։

 

Ատիկա գտնողն էր յեղափոխականը, որ օրը գիշեր էր ըրած։ Թեթեւ հող մը, ջուրէն մրուր, կը կակուղցնէր կարծրութիւնը այդ յատակին։ Բայց կ’ընէր զայն նոյնքան գերեզմանական։ Տեղերը, ինչպէս դէմքերը, ունին իրենց կնիքը։ Ո՞ր հրաշքով թուրքերը, իրենց զգացական լինելութեան հիմնական նկարագիրը փոխադրած էին երկրին մինչեւ ընդերքը։ Ո՞ր հրաշքով՝ հին մեհեանի մը այդ գեղեցիկ աւազանը վերածուեցաւ սա ողջ դամբարանին։ Սողոմէն առաջ, երկուքը (մեծը չէր խօսեր) հարցուցեր էին իրենք իրենց այս մեծ գիւտէն [60] ու զարմացեր՝ «աշխարհքի բանին»։ Նո՞յն՝ ազգե՜րը, հողին տակն ու վրան։

 

Ժպիտի մօտ բան մը ուրուացաւ Սողոմին դէմքին։ Անիկա չէր գիտեր, թէ այդ սուտ [61] ժպիտը իրական վախի մը տարտամ վարշամակն էր, բռնի առնուած։ Իր վա՞խը։ Բայց կը հաւատար, թէ իջած էին, վար, շատ վար, երկրին տակերը մինչեւ։ Ու ամօ՜թը՝ այդ վախը տարազելու, որ կը փոխուէր սուտ խնդուքի։

 

Կամացուկ, տուաւ կռնակը սառուցիկ պատին։ Կը տառապէր զիստի մեծ վէրքէն։ Առողջ ոտքը առաջ՝ իջաւ անիկա ցած, մատաղ ուղտի մը նման։

 

Տքաց։ Ցաւերը թօթուեր էին իր ոսկորները։

 

-- Ո՞ւր ենք, աղբէր ճան։

 

-- Աղբիւրի ակին։

 

Ձայներ։

 

Կարծես անոնց տակը ըլլար պարապ։ Վասնզի ձայները կը հասնէին իրենց ներքեւէն։ Յետոյ՝ դո՛ւռը։ Որ ճչաց ու տուաւ տեղի։ Երկու հիները մռայլեցան։ Այդ ժամերուն անոնք տանջանքի կը կանչուէին։ Ու բանտէն ներս ամէն նոր շարժում յուզում կը բերէ։

 

Նեղ այդ բացուածքէն թեւ մը ներս նետեց երկու պաթանիա։ Բանտարկեալները կը սպասէին բացումը դուռին, ինչ որ չունեցաւ տեղի։ Ճեղքը փոքրացաւ կրկին։ Դուռը տքաց, դողաց, ճրճռաց։ Ու ամէն ինչ՝ քիչ առաջուան յաջորդութեամբ, մինչեւ լռութեան անշարժ հաստատումը։ Զգացած էին, որ, դուրսէն մեկուսացուելէ յետոյ, նկուղը չէր խանգարուեր ներսի խօսքերով։

 

-- Կ’երեւի էս բանտին օրէնքն ա, - մտածեց բարձր, կարճահասակ քոմիթա ն, որ մոռցեր էր վերմակը, բանտը իյնալէն ասդին։

 

-- Հո՞ն ինչու չտուեցին…

 

Մտածեց կրկին, փոխադրելով ինքզինքը թիւ տասներկու նկուղը։

 

Պաթանիաներուն հոտը սուր, շատ։ Սողոմը յիշեց հիւանդանոցը, անոր կապուած ուրիշ պատկերները։ Յոգնած էր սակայն։ Պարտաւորուեցաւ փոխել նստուածքը` ափին բեռցնելով մարմինը դարձնելու հոգը։

 

-- Բան չի կայ, էլի…

 

Կը մտածէր բարձրաձայն, միշտ նստած տեղէն, միջնամատը ուղտի սապատի պէս եռանկիւնած, խփելով պատերուն, ընկեր Մաթիկը։

 

-- Ամէն տեղ խփել եմ, էլի… տես։

 

Պատը, զարկին դէմ կը հանէր խոնաւ, միակտուր աղմուկ։

 

Կեանքը երբեմն կը նմանի նոր բռնկող կրակի։ Դանդա՛ղ՝ ծաւալումը, առաջին կայծերուն։ Ու ճիշդ է ասիկա նոյնիսկ եղերական պայմաններու մէջ, երբ հոգիները պարտաւոր են կերպով մը իրենք զիրենք յարմարել [62] աղէտին ճնշումին։ Նոր «շեշտաւորումը» դժկամ է յաճախ։ Խօսքի, եռանդի, կրակի մեծ առաքեալ ընկեր Մաթիկը, այս անիմաստ ճիչերով կը ջանար կոտրել այդ բիւրեղացումը նախ ինքը իր մէջ։ Երկու ամիս կայ կարօտն ունէին երրորդին, բայց այսպէս «միջա՜կ» [63] ։ Առանձին խօսքը միշտ ալ ինքնատիպ արհամարհանք չի նշանակեր, որով կեանքէն իրենց դառնութիւնը կը զովացնեն երբեմն մարդիկ, Յետոյ, չխօսիլը բաւարար զրկանք է կ’ըսեն։ Կան բանտեր, ուր, պատիժը «կը լրանայ» խօսքէ զրկումով։ -– Ամէնէն անողոք, ընդունելի քաւութի՛ւնը՝ կիներու յատուկ զգաստարաններու մէջ։

 

-- Տես, տե՛ս։

 

Կը զարնէր մատը, պատի երեսին։ Ու կը տրամաբանէր՝ իբրեւ թէ մարդու երես ըլլար գորշ ու աղտոտ այդ ծեփը։

 

-- Որ ձայնը [64]   նոյն եկաւ դուրս, նշանակում է առողջ ա…

 

Բժշկութեան վրիպած ուսանող ընկեր Մաթիկը պատերու հետ կը վարուէր «էնպէս», ինչպէս հռչակաւոր փրոֆեսէօր Զաւրիէֆը [65] ՝ հիւանդներու կուրծքին հետ։ Առաւօտէն ըրած էր փորձերը։ Ու անոր մատը՝ մանր, սիրուն, բժիշկի էր վայել։ Հասակին ներած չափով, անիկա մատէն էր անցուցած պատերը շուրջանակի։

 

-- Իմ առաջին գործն է լինում։

 

Բացաւ պաթանիան։

 

-- Մարդ չլինի…

 

Առարկողը, ինք՝ իրեն, առանց նայելու բարձրահասակ տղուն, որ չխօսելուն չափ չէր ալ նայեր Մաթիկին՝ ինչպէս Սողոմին, շքեղ անտարբերութեամբ մը ընդդէմ մարմնեղէն ամէն երեւոյթի։

 

Սողոմը չհասկցաւ։

 

-- Մարդ որ ասացի, հասկանալի է, էլի…

 

Ու անոր քաղցր ժպիտը՝ ինչպէս սիրուն մատները կը ջանային թելադրել զինուորական զգեստեղէններու մէջ բոյն կազմած «լիլիբութեան» բնակչութիւնը, թրքական բանտերուն չարքաշ ու քաջավարժ ոջիլները, որոնք բռնի, ընտանութիւն կը հաստատէին ամէն եկուորի հետ, իրենց անողոք ողջոյնովը, կծու ու տաք։ Քոմիթա ները զուարճութեան սուղ ալ յիշատակներ պահած են անոնցմէ։ Անոնց գօտեմարտութիւնը որոշ շահագրգռութիւն կը ստեղծէր ընդարմացած հոգիներէ ներս։ «Երջանիկնե՜րը», անոնց, որոնց գլուխին բախտ ալ կը փորձուէր։ Բանտարկեալները, գրաւ կը դնէին զոյգ ոջիլներու վրայ ձիարշաւի մանրանկարով, ու կը շահէին կամ կը կորսնցնէին, համաձայն բազմոտանի միջատներու հերոս արագութեան։

 

Մաթիկը տարաւ զայն քթին։

 

-- Քիթո՞վ կը տեսնեն, - չկրցաւ չըսել Սողոմը։

 

-- Ի հարկէ՜։ Աչքը ի՞նչ է բաւում։

 

Քիչ-քիչ կը ջերմանար յեղափոխական Մաթիկը, վերջապէս «խօսք ա…», այսինքն՝ խօսիլ ըսուած բան մը կար աշխարհի երեսին, թէկուզ՝ բանտի սա խոռոչին մէջ։ Յետոյ, «դէն» ընելով քիթէն.

 

-- Հիւանդ հոտում է, աղբէր ճան…

 

-- Բժի՞շկ ես դուն։

 

-- Ի հարկէ։

 

Խնդաց պայծառ, բարի, միամիտ։ Անցեր էր բառին կամարովը՝ իր համալսարանը, աղջիկներով, դասախօսներով, հիւանդներով։

 

-- Ա՛, դա՝ ասիդ ֆինիք է…

 

-- Ա՛… տես մի, տես մի…

 

Ու հոտուըտաց կրկին.

 

--   Տէնտուր տ’իօդ

 

Շատոնց ոտքի էր անիկա։

 

Պատերը կրկին զննուեցան։ Անոնց մէջ պահուըտած մարդերու   --լրտեսներ-- առասպելը փաստովի հերքուած էր բժիշկ Մաթիկին մատի [66] հաւաստովը։ Ահռել՝ այդ ոսկորը [67] ։

 

-- Սիրտն էլ կարելի է էսպէս հասկանալ, - եզրակացուց անիկա՝ հպարտութեամբ սեւեռելով մատով կազմուած եռանկիւնին [68] գագաթը։

 

Ժամը կը դառնար իր իմաստին։ Ո՛չ մէկ աղմուկ, որ յաջողէր թափանցել մինչեւ սա վիրապը։ Միօրինակ օդին մէջ, ատեն-ատեն բարակ մսուք մը կը պտտէր, գմբէթին կոտրած մէկ աչքէն ներս ինկող, հովի ձեւին տակ։ Ու մարդերը՝ ամէն մէկը իր յուզումներուն եւ երազներուն բեռովը։

 

Լրտեսուելէ ապահով, բժիշկը   -ատամնաբուժական ուսանող էր եղած, առանց շրջանը աւարտելու, Մոսկուայի «ֆաքիւլտէթում» ու կը գուրգուրար իր տիտղոսին վրայ, զոր կը յօժարէր զոհել միայն յեղափոխական մեծ բառին. ընկերը աւելի կ’արժէր, քան բժիշկը--     մտաւ հաճ տրամադրութեան մէջ։ Բանտ չըլլար իրենց վրայինը։ Անոր այս արտայայտութիւնը տպաւորեց Սողոմն ալ։ Քոմիթա ներ գերբնական մարդերու վերածող առասպելը կը սկսէր պարզուիլ։ Հատած, ծեծի տակ՝ կապուտիկ նշաններով ուռեցուոր անոնց դէմքին՝ կար քաղցր, համակերպուն շնորհ մը, որ տուրքն է մեր ներքին իմաստութեան։ Իբր թէ չըլլար անիկա անցած թուրքին ձեռքէն։ Հարուածներու խստութեան դէմ՝ իր ահաւոր դիմադրութեամբը, մա՛նաւանդ տանջանքի րոպէներուն աչքերը փակելու եւ ակռաները իրարու հիւսելու կապկային պրկումներովը նուաճած էր խստապարանոց տասնապետները, որոնք պաշտօն ունէին չսպաննելու, բայց բառ կ’ուզէին անոր չբացուող բերանէն։ Երկաթներով ջախջախեր էին անոր ակռաները վերէն ու վարէն։ Փոյթը չէր սակայն։ Կոտրած ատամներուն սուր մասերը ա՛լ չէին կտրտեր իր լեզուն: [69] Գերագոյն գործարանը անոր մարմինին [70] շատ արագ գտած էր կերպը յարմարելու նոր պայմանին։ Անոր կեանքին միակ իմաստը, յեղափոխութի՜ւնը։ Ու անոր ալ արտաքնացումը՝ խօսիլ ։

 

-- Լա՜ւն է, աղբէր ճան, լաւն է։

 

«Ի՞նչ», հարցնէր մէկը սա տղուն, որ տարօրէն խոր պայծառատեսութեամբ մը, իր մահը այնքան մօտ կը զգար, հոգեւարքը կանխող կարճ դուլին մէջ, որով հիւանդը կը զատուի երկրաւորին պարունակէն։ Ու անոր այս գոհունակ հովը Սողոմին վրայ կ’անդրադառնար՝ հետզհետէ անձուկի վերածուելով։ Բայց յիշեց, թէ առաջին շփումին ինք ալ զգացեր էր այդ հովը իր մէջ։ «Լաւն էր»։ Վասնզի իր ճակատագիրը իր լրումին հասցուցեր է զինքը, ինչպէս կը զգային այդ անճառ հեշտանքը մեր հին նահատակները, երբ դանակին առջեւ ծունկի, աճապարանքն ունէին աւելի շուտ մեռնելու։ «Լաւն էր», վասնզի պիտի խօսէր երրորդի մը հետ, որ հաւանաբար շատ բաներ ունէր հաղորդելիք մեր ժողովուրդէն։

 

-- Լաւ մի քէֆ։

 

Ու անոր «քէֆը», իբր ձայնական տարր ոչինչով «ընդհատ էր» Ակնաղբիւրի երանգէն։ Աս է ահա ինչ որ մարդիկ կը կոչեն ճակատագրական։ Երկու ահաւոր ամիսներ, իրենց ծայրագոյն, մարդկօրէն հնարելի բոլոր գազանութիւններուն մամուլովը, կռանովը չէին փոխած սա տղուն հոգին։ Վտանգի, գուցէ մահուան մէջ ալ սա անփութութիւնը, յօժարութիւնը յեղափոխական մարդոց բացառիկ շնորհն էր ըլլալու, ինչպէս կը մտածէր Սողոմենց տղան, հիացած՝ անվերադիր ընտանութեան, քարին ու գերեզմանին հետ այսքան դիւրին, բնական իրաւ հաշտութեան։ Ակնաղբիւրի տղա՞քը։ Չէր այս արի ու պարզ երիտասարդը ինչ որ եղեր էր հոն, կրակոտ ու զգոյշ նոյն ատեն [71] ։ Նո՞ր, ուրեմն, սա հանդիպումը։ Իրողութիւն էր, որ թրքական խստութիւնները ստեղծեր էին լուսապսակ հեքիաթը սա մարդոց, որոնց քաջութեան, ուժին, անգթութեան եւ դիմադրող լռութեան մասին Դարբին Թորոսը այնքան խոր զմայլումով կը խօսէր իրենց, Մաթիկին դեռ ժամանումէն ալ առաջ։ Դարբինը եղեր էր անոնց մէջ, Պոլիս, Պանքայի դէպք ին ու անկէ առաջ։ Ու կու տար ուրուանկարները այդ առասպելեալ արարածներուն, այնքան պարզ, այնքան խեղճ, իրենց մաշած փանթալոններուն աղքատութեանը, կամ բեռնակիրի համետին տրտմութեանը տակ, բայց որոնք հրաշքով կը փոխուէին՝ դառնալու համար ահաւոր առիւծներ, մահուան վրայ յարձակող՝ փերչէմ ը [72] հովին, հոգւով [73] ՝ ծարաւի «երկնային առագաստին»։

 

Ի՞նք, Սողոմենց Սողո՞մը։

 

Անշո՛ւշտ որ խեղճ մարդ էր, ատոնց մօտ դրուած, այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա։ Ատիկա զգաց, մա՛նաւանդ՝ երբ իրեն այնպէս եկաւ, որ կը շարունակէին իջնալ դէպի երկրին տակը։ Հողէն կլլուելու սա շատ որոշ զգայութիւնը՝ գլխապտոյտի մը հետեւանքը թէեւ, բայց նոյն ատեն հոգեկան տկարութեան մը անծածկելի փաստը եղաւ իրեն։ Սա պարապը, իր ներքեւէն, անկայուն կ’ընէր անոր ուղեղը, որ կը նմանէր մէջտեղէն կիսուած անուշի կլորատիպ ամանի։ Հոսում, հեղուկացում…։ Ազատելու համար այս թմբիրային զգայութիւններէն, ջանաց միտքը գործածել, Դարբին Թորոսին ճառագայթումովը։ Կը նեղուէր, ու ցաւ էր ատիկա, վասնզի թելեր կը քաշուէին ականջին տակէն դէպի գանկին ետեւները։ Անոր ջիղերը սպառած էին։

 

-- Ի՞նչ ես մտածում։

 

Անցուց իր մատը անոր աչքերուն առջեւէն, բժիշկ Մաթիկը` աւելորդ գտնելով իր անձէն ներս այսքան սուզում, երբ կարիք կար խօսքի։

 

-- Չեմ մտածեր, աղբէր ճան…

 

Չէր գտած, չէր գտներ ինքզինքը։ Գանկը կը թուէր կակուղ, ուռած տոլի մը նման, ջուրին դրուած։ Ու կը վախնար մատով դպելէ անոր։ Կակուղ ոսկորի այդ զգայութեան կ’աւելնար տակաւին ուրիշ մը, ան ալ խմորային, այդ ոսկորին տակէն։ Ու ատոր գիտակցիլը՝ ցաւ էր իրեն, նիւթական ցաւ, բաբախման ձեւով, դարբինին կռանին ձեւով։

 

Ճի՛չ մը, երկայնահասակ ընկերէն։

 

Ցնցուեցան երկուքը։

 

Երկայնահասակ ընկերը չպատասխանեց Մաթիկին (անիկա հիւանդ էր չխօսելու հիւանդութեամբ մը) հարցումներուն։ Քնացած էր հաւանաբար, տեսած գէշ երազ, ու վախէն պոռացած։ Ատիկա յաճախ կը պատահէր անոր։ Դարձաւ քովնտի։ Ու ծեծէն հիւծած անոր հոգին «աղաւնակերպ իջմամբ», այսինքն՝ այդպէս պատերուն նետուած հայ խլեակի մը կերպարանքով կը բաբախէր անոր ջարդուփշուր սարսափին վրայ։ Բարձրահասակ ընկերը Կովկասէն չէր, որ կու գար։

 

Սողոմենց տղան տագնապեցաւ, աստիճան մը աւելի, վասնզի, առանց որ գիտնար ինչո՞ւ՝ իր ոճիրը գտաւ կապուած քոմիթա ներուն սա ողբերգութեան։ Շատ դառն, տհաճօրէն սմսեղուկ զգացում մըն էր իրը։ Ի՞նչ մեղք ունէին սա մարդիկը, իր թափած արիւնին մէջ։ Աւելի՝ անոր այնպէս եկաւ, որ Նալպանտենց տունին, այսինքն՝ իր ոճիրին վրայ սա անդրադարձը, նախապէս նեղող, կը զատուէր իր այդ ոլորտէն` պարզուելով ինքն իր մշուշէն, ըլլալու համար ինքզինքը միայն։ Հզօր ու քաջութեամբ դիմաւորուած յուզումներու ընթացքին   --ծոցին գիշերէն մինչեւ սա վերապրումը--, անիկա չէր ունեցած մարդկային սա ընկրկումը, ինքը իր ջուրերուն։ Մահէն վա՞խը, չվա՞խը։ Բայց անիկա կը դողար` կախաղանին պատկերը երեւակայել ջանալով։ Հոգի՞։ Դժո՞խք։ Գո՞ւթ։ Բառե՞ր էին, թէ կային։ Ըրաւ հարցումը։ Բայց անոր մտքին մէջ կը ցցուէր իրենց կողմերուն բարձրագոյն գագաթը, Ողիմպոսը, որուն ետեւի թափին պահ դրուած քաղաքներուն կը նմանէին այդ բառերով թելադրուած պատկերները։

 

-- Պատմիր, աղբէր ճան։

 

Սողոմը դողաց։ Հրաւէ՞ր՝ դէպի իր ոճիրը։

 

Անիկա երկարեց իր թեւը։ Խախտած վիրակապը ինչպէ՞ս կը պահէր դեռ իր հանգոյցը։ Գլխուն շրջումը ստեղծեց ծանօթ բաբախումը ծոծրակի փոսին։ Կ’ամչնար անիկա սա փոքր զգայութիւններէն, որոնք ուրիշներու ներկայութեան կու գային իրեն, իրենք իրենց, տեսակ մը մատնող հովով։ Բանտերէն սորված էր անիկա վայրագութեան, «ուժաւորութեան» յղացքները, որոնք մարդասպանին մէջ կը ստեղծեն բացառիկ մթնոլորտ։ Ա՛ն՝ որ կաշառքով կամ թրքացմամբ [74] ՝ ենթակային ազատ արձակումէն [75] ետքը կը յօրինէ անոր հեքիաթը։ Գեղին մէջ քանիներ մարդասպան՝ բայց դրամով ազատուած կախաղանէն, կ’անցնէի՜ն պատկառանքի։ Տկարութեան հովը տգեղ է անոր մօտ, որ սպաննած է։ [76]

 

-- Ի՞նչ կայ ձեր աշխարհում, աղբէր ճան։

 

Զղջաց հարցումէն։ Կը խորհէր Սողոմին անմեղութեան, թէեւ իրենց հարցաքննութեան մէջ, անոնք պարտաւորուած էին լսել [77] անոր անունը։

 

-- Մի ինչ-որ հեքիաթ…

 

Այսինքն՝ ինչ որ գրել էր տրուած իրեն, վայրագ միւսթանթիգ ին կամքովը, քոմիթա յի հաշւոյն [78] կատարուած սպանութեանց ու հրկիզումի դէպքի մը մասին, որ տեղի էր ունեցեր իրենց գեղին մէջ։

 

-- Մի ինչ-որ հեքիաթ…

 

Ըսաւ ու նայեցաւ անոր երեսին։

 

-- Հաւատա՛, աղբէր ճան։

 

Սողոմին աչքերը խոնաւցե՞ր էին։ Ամէն ներուժ ապրում մեր ջիղերը կը զլանայ արտաքին իրենց սպասին` զանոնք ամբողջովին պահելով բռնագրաւուած իր սեփական ընդլայնումին։ Ոճիրը՝ գործ ըլլալէ առաջ՝ անհուն ճնշում է մեր ուղեղի կաթսային։ Ու բոլոր քիչ խօսողները բուռն մարդեր են իրենց ժամերուն կտրող, թափող, անխնայ տապալող։

 

Խօսքի՞ դժուարութիւն, յուզումին գո՞լը, զինքը ատեն-ատեն դանկըտող ցաւե՞րը [79], խղճմտանքէն խուլ նիզակո՞ւմ մը, ամօ՞թ՝ թէ իր մատներէն արձակուած աւելորդ մահերը (գիտէր քրոջը մեռնիլը, կասկած չունէր Դելոնին ու նշանածին ալ մահերէն), ո՞ր մէկն էր ասոնց, որ զինքը այսպէս անկարող կ’ընէր, ինքզինքը հաւաքելու։ Քակուածութիւն մը, իրարմէ հեռանալը՝ իր հոգիին մասնիկներուն։ «Հոգելո՞յծ», ինչպէս ունինք անդամալոյծ տգեղ բացատրութիւնը։

 

Բժիշկ Մաթիկը կապեց անոր վէրքը։ Զգուշաւոր, վասնզի ուռեցած [80] մատերը սեւ ներկուած մահիկներու կը նմանէին իրենց սայրէն։ Օճառի պակաս։ Բայց այդ զգուշութեան մէջ իսկ յայտ էր, որ հիւանդանոց տեսեր էին անոնք երեւան գալով շատ աւելի վարժ, քան իր պառկած բանտային հիւանդանոցին պաշտօնական սպասարկուները, հասարակ զինուորներ, բոլորն ալ կալուածատիրոջ տղաք, որոնց հայրերը, կանխահոգ, օր մը անխուսափելի պատերազմին դէմ, այս ճարտարանքով   --գինը նոյն ատեն [81] մեծ կաշառքներու--   ետ առած կ’ըլլային զանոնք, կրակի անմիջական գօտիէն։

 

-- Անօթի՞ ես։

 

Կը հարցնէր Մաթիկը, ուտելիք չունենալուն։ Հակառակ իր մարմինէն իր տարակայութեան՝ անիկա կ՚ ուտէր առանց կշտանալ գիտնալու։ Բարձրահասակ ընկերը իր բաժինին կէսն ալ կը տրամադրէր անոր։

 

։

 

Փռուեցան պաթանիաները։ Անոնց բազմամբոխ կամ անբնակ ըլլալու հարցը ձէթին նուաղ, անհաստատ լոյսին մէջ լուծելի չէր սա յոգնաբեկ տղուն համար։

 

։

 

Երբ լուսցաւ (ու գէշ լուս մըն էր ատիկա, կամարէն՝ արիւնոտ, դեղին, կանանչ, համաձայն լուսամուտ կանթեղներէն արտօնուած ճառագայթներուն), Սողոմը կը քնանար։

 

Գրեթէ ձմեռային այդ շատ պաղ ու երկար գիշերը, ձէթ կանթեղին իրենց պէս գերի եւ ուռկանապինդ լոյսին մէջ, իրար տաքցնելու հասարակ զգացումէն վեր սուզումի մը մէջ, անոնք ատեն չէին ունեցած զգալու, թէ ինչպէս էր հոսեր այդ տարի գիշերը։

 

Մաթիկը, զուարթ ու բարի, տուաւ մանրամասնութիւններ, Սողոմին անծանօթ իրենց ձերբակալումէն։ Մատնուա՞ծ։ Գրեթէ, թէեւ անուղղակի։ Վասնզի Նալպանտենց հարսին համար իր տուայտանքներուն մէջ, Սողոմը մոռցեր էր Ակնաղբիւրը։ Զանգուածային ձերբակալութիւններէն առաջինին ընթացքին անոր թունաւորուած վիճակի մէջ բանտ իյնալը ուրիշ պատճառ էր, որպէսզի յատակ ունենար [82]   այդ կէս դաւադրութեան իրադարձութիւնները։ Այնպէս որ, մռայլ յուզումով հետեւեցաւ անոնց կամաւոր յանձնումին։ Գիւղաքաղաքի բանտին մէջ անոնք դէմ դէմի հանուեցան գեղէն բանտարկուած տղոց մեծ մասին։ Յետոյ՝ քաղաքը։ Կը պատմէր ժլատ, զարմացնելու չափ Սողոմը, այդ դրուագները, մա՛նաւանդ ոստիկանական խստութեանց մասին։ Ասոնք անխուսափելի պայմանը ըլլային յեղափոխականին։ Ուրախ էր, վասնզի ոչնչացուած էին բոլոր թուղթերը։ Ու «տկլոր», գաղտնիքէ ու փաստէ, իր մարմինն էր ահա, թուրքին դէմ մինակ։ Ուրախ էր, վասնզի իրենց պատճառով բանտ ինկողներ ազատուեր էին։ Կը դատէր մեր ժողովուրդը, ինքնին չափէն վեր դժբախտ, սա գեղերուն մէջ, արժանի այն սիրոյն, որուն ապացոյցը կու տային իր զաւակները ահա ` զոհելով զիրենք, այնքան հաճոյքով իր ազատութեան։ Սողոմը չէր հասկնար մեծ մասը անոր մտածումներուն։ Բայց խորապէս կը տպաւորուէր արտայայտման պարզութենէն, լրջութենէն։ Ընկեր Մաթիկը չճշդեց, մահուան այսքան մօտ, իրենց հանգամանքը, հակառակ Դարբին Թորոսի թախանձանքին, վերը, Ակնաղբիւրին։ Սողոմը պիտի չկրնար ըմբռնել սա մարդերը։

 

Սողոմին ոճիրը, միւս կողմէ, լսուեցաւ ուշադրութեամբ։ Պատմողը տեսակ մը խոստովանանք կը կատարէր, կրօնական երանգով (դեռ անոր Աստուածը չէր մեռած իր ծոցին), խուլ զայրոյթի եւ անծածկելի տրտմութեան փոփոխակ հովերու մէջ։ Հոսուն ու ցաւոտ բան կար ձայնին ու դէպքը քալեցնելու ծանրութեան մէջ։ Անոր ատելութիւնը չունէր սփոփանք, գլխաւորաբար այն պատճառով, որ զինքը սա կրակներուն ղրկող կնիկը ողջ էր հիմա։ Հասուն ու ցաւոտ բան կար տակաւին իր պզտիկ, վախկոտ մտածումներուն մէջը, վասնզի կնոջ հետ իր այս ճակատումը զինքը կ’ընէր տարօրէն իմաստուն։ Ամբողջ Արեւե՜լքը՝ իր լսած քանի մը հեքիաթներուն մէջ, որոնց հերոսները կիներ էին։ Անիկա լսած էր ու չհասկցած։ Հիմա՞։ Անոր համոզումն էր, որ այդ դէպքերը, հետեւանք քոմիթա ներուն ձերբակալումին, տեղի չէին ունենար, եթէ Նալպանտենց հարսը կտորիկ մը սիրտ ունենար։ Խե՜ղճ տղայ, դուն չեղար առաջին փնտռողը։ Ու, ո՜վ մարդերու անորակելի տկարութիւն, բառերով շոգեւոր Սողոմին զայրոյթը թոյլ էր, խախուտ էր խնամքով ծածկուած երակէ մը։ Ու ո՜վ մեր անժուժելի դժբախտութիւնը, Սողոմը հիմա միայն լիովին գիտակցեցաւ պատճառին, որ Նալպանտենց հարսը թողած էր կեանքի մէջ։ Անոր մէջ, հա՜յրը։ Այո՜։ Գուցէ։ Վասնզի քանի անգամ, որ դէպքէն առաջ անիկա իր միտքը կը հանէր ոճիրին բզզիւնին, ամէն անգամ ալ Նալպանտենց հարսին քովիկը կը բուսնէր իր՝ Սողոմին հայրը, կախարդական շրջումով, կարծես գերեզմանէն պաշտպանել ուզելով իր զարմը, օտար այդ կնիկին փորին մէջ դրուած աճումի [83] ։ Մտապատկերին քով այս ուրուացումը, ճի՛շդ՝ իրականութեան, այսինքն՝ կրակի գիշերին ամբողջ տեւողութեանը ու անկէ յետոյ, հիմա՜, նոյնիսկ իր զղջումին մէջ զայն չսպաննելուն [84] ։ Պատմողը հասուն էր բառերէն, մահուան հետ ճակատողի մը պարզութեամբ։ Ու տխո՜ւր՝ վասնզի թափուած արիւնը կը տարածուէր ահա անմե՜ղ սա մարդոց։

 

Լսուեցաւ այս պատմումը, որոշ հանդարտութեամբ։

 

Յեղափոխականը, կրակէ անցած, ու մահուան հետ գրեթէ ամէնօրեայ շփումով՝ վերապահութեամբ կ’ընդունի դանակի, կրակի արկածները, ոչ՝ իրենց անկարելիութեան պարունակէն։ Ասպարէզին իսկ բերումովը՝ անոնք մօտիկ են արիւն թափողներու հոգեբանութեան ` տեսած ըլլալով այդ արիւնը։ Անշուշտ գործիչն ու մարտիկը զատ խառնուածքներ են։ Բայց մեր իրականութիւնը իր պահանջին զոհած է շատ բան։ Այս պարունակէն, ամէն ոճիր, նոյնիսկ հասարակը, որ երակով մը կը մերձենայ զիրենք՝ [85] գործիչն ու մարտիկը ոգեւորող գաղափարին, կը գտնէր շաւիղ մը մինչեւ իրենց բարձրանալու։ Յեղափոխական Մաթիկը վերլուծեց դէպքը։ Ու ահա իր եզրակացութիւնը։ Անոր կարծիքով՝ «էդ սպանութիւնների մէջ» կար «վատ բան կատարուած»։ «Վա՞տը»։ Ա՛յն՝ որ Սողոմին, այդ սքանչելի, արի արանց քաջութիւնը, «արիւն թափելու ասպարէզում՝ նրա [86] օբյեկտիւական [87] տուրքերը» լաւ առիթներ չէին գտեր «օրինաւոր» զարգացման։ Պոլիս, Երկիր, Վանայ ու Սասնայ «լեռներում», փորձառու «ընկերների» ղեկավարութեան տակ ու «թշնամու ցինիք» անխղճութեան դէմ, անկասկա՛ծ որ Սողոմէն դուրս «կը գար մի սքանչելի զինուոր, մի հոյակապ յեղափոխական, խմբապետ, եւ գործադրիչ տեռորիստական ծանրածանր ձեռնարկների։ Էդքան լաւ խմո՜ր»։ «Ուրա՜խ էր», չափազանց ուրախ, անո՛ր համար, որ կը հաւատար ուրիշ բանի ալ։ Ա՛ն՝ որ այդքան սառն գիտէր սպաննել, այդքան հանդարտ ալ «պիտի գիտենար» մեռնիլ։ Մահուան գաղափարին հետ իր մշտական մարզանքը, որ անոր ճղճիմ մարմինը այսպէս հանդերձած էր գալիքին, վարակիչ էր նաեւ Սողոմին, որ կը զօրանար, ու կրաւոր, ենթարկուող հոգեկանութենէն, քիչ-քիչ կը բարձրանար ներգործող հանդարտութեան։

 

Բժիշկ Մաթիկը, յայտ հաճոյքով, հետեւած էր պատմումին մանր, առարկայական ստուգութեան։ Զուր տեղը չէ, որ մարդ գիտական ուղեղ կը յաւակնի ունենալ։ Անոր կարծիքով, ոճիրին մէջ, պահպանող, հաշուող, չափող ու այս ճամբով ձեռք ձգուած արդիւնք շահագործող երեւակայութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ էր, որքան հետեւցնող, այսինքն՝ հանգիտօրէն կառուցանող երեւակայութիւնը։ Ու Սողոմը օժտուած էր երկուքով, նշան՝ «նրան մի մեծ անձնաւորութիւն լինելու» կանչուած ըլլալուն։ Վերլուծումը տանելով առաջ՝ անիկա գտած էր, որ զգացական, հին բառով մը՝ իրական մասերուն մէջ (պատմումին) ցոյց տրուած ժուժկալութիւնը կը յայտնաբերէր զինուորական մարդու առաջնակարգ տաղանդ, որ իր յուզումը զսպել կրնալով է պայմանաւոր։ Փոխարէն՝ պարագայական մանրամասնութեանց եւ զգայարանական նշմարներու առատութիւնը՝ դիտող, տնտեսող, վարող տուրքեր։ Մե՜ղք, հազա՜ր ափսոս, որ Սողոմին այս գեղեցիկ կարողութիւնները «փչացել» էին արգանդի «ճանապարհում»։

 

Տրամաբանելու այս կերպին մէջ, ընկեր Մաթիկը ինքզինքը կը կարծէր կուսակցական ժողովներու, Թիֆլիս կամ Վան, վէճի բռնուած յեղափոխական մեծ կռուողներու հետ, երբ անոնց տպաւորութիւնները կը ջանար տարազել «ֆիզիոլոգիական» ինչ-որ տեսութիւններով։ Մահուան պատրաստուող մարդու հոգեվիճա՞կ։ Այդ տիպարներուն շնորհն է այդքան առանձնանալ գիտնալ։

 

Մխիթարական ծուէն մը բա՛ն գոնէ, այդ զուր տեղը փճացուած [88] հերոսութեան մէջ։

 

-- Ինչպէ՜ս թէ ոչ։

 

Պրիմօ. - Այս ոճիրը, այսինքն՝ անոր գործադրումին մէջ ի սպաս դրուած սառնութիւնն ու կորովը, հետապնդումին աննահանջ թափէն զատ, ապացոյց էր Սողոմին եւ «նրա վրայով՝ հայ երիտասարդ սերնդին» մարտական, կտրիճ ոգիին, «թէկուզ» այն ոգիին, զոր մեր թշնամին «նապաստակի քաջութիւն» պիտի որակէր, Մաթիկէն շատ վերջը, օտարներու բերնէն մեր յուսահատ պայքարը այնքան շնականօրէն անարգելով։

 

Սըգոնտօ. - Չէ՞ր կարելի, նոյնիսկ լրիւ հաւանական, որ սպաննուած էդ Սերոբը լինէր «մի դրուստ [89] դաւաճան», ինչպէս ունէր հիմա ամէն գեղ ու քաղաք, տրուած ըլլալով Նալպանտենց տղուն եւ տաճիկներուն միջեւ «մի ինչ-որ» կասկածելի կապեր։ Յետոյ։ Չէ՞ որ մէջտեղն էր միւս անհերքելի փաստը։ Դաւաճանութիւնը կը սկսէ՜ր ազգուրաց եկեղեցականով մը։

 

Տեղը կարճ է ինծի` արձանագրելու համար բժիշկ Մաթիկի բոլոր փաստերը, որոնք, այնքան ալ միամիտ, ունէին իրենց մէջ ճշմարտութեան ծուէններ։ Տաճկական բանտերուն ընթացիկ իմաստութենէն վեր էին անոնք։ Ու կը դատէին Սողոմին պատահարը՝ «յեղափոխական սուրբ գործի տեսակէտից, մի կատարեալ յաջողութիւն»։

 

Մարդ չի կրնար հաւատալ, հիմա, տրամաբանութեան սա պարզութեան։

 

Ինծի համար, որ քսուեցայ Մաթիկին, ու պահեցի զայն տասնհինգ օր, Սողոմենց գեղը ղրկելէ առաջ, կասկածելի չէ այդ մտայնութեան հարազատութիւնը։ Յեղափոխական Մաթիկի սկզբունքները, անսխալական ըլլալու մեղքէն զատ, հարուստ ըլլալու թերութիւնն ալ ունէին։ Մէկն էր անիկա, որ առարկութիւն չընդունեց, իր գաղափարները «խօսքի բռնութեամբ» հարկադրած ատեն։ Այս ամրութիւնն էր պատճառ իր զառածումին։ Անիկա զինքը մտիկ ընել չկրցող մարտիկներէն «հերքուած գնացեալ էր», ինչպէս կ’ըսէ տեղ մը մեր Խորենացին՝ Վարդգէս Մանուկի մը համար։ Իր կուսակցութիւնը լքելէն ետքը, ինքզինքը յանձնել Տաճկաստանի ճամբաներուն, «ուղիղ հաւասար էր գալիս» մահուան հետ դաշնադրութեան։ Առաջնակարգ վիճաբանող, սրամիտ, պատրաստաբան, փաստաբան, քարոզիչ, առաքեալ՝ կու տար իր դաւանանքը մարգարէի եւ բժշկութեան ուսանողի (ձեզի ծանօթ է իր մասնագիտութիւնը) առարկայական սառնութեամբ։ Հիմնական գիտութիւնը չհամոզուելու գիտութիւնն էր։ Ու ասիկա յամառութենէն վեր անզգածութեամբ մը։ Կան այս մարդերը, որոնք բոլոր բարի կամեցողութիւնները կը կրեն իրենց ներսը, օգտակար ըլլալու իրենց համայնքին, բայց անոր ամէն ձեռնարկները կը քայքայեն, պարզ իրենց մասնակցութեամբը։ Ասկէ զատ, ունէր թերութիւնը միշտ իրաւունքին հետ ըլլալու, զայն ուրիշին մօտ երբեք չհանդուրժելու։ Մի զարմանաք, որ Սողոմին ոճիրը, թափանցումը կարճ րոպէ մը միայն արդար, այսինքն՝ «արգանդի ճանապարհում մի տրամա» դատելէ ետքը, դառնար իր բուն մոթիֆ ներուն ու եռանդուն քահանայի մը կարճատեւ [90] վրէժխնդրութիւնը զուգորդէր ցեղային ողբերգութեան։ Իրաւ է, որ բախտին մէկ քմայքը կը միջամտէր, որպէսզի դէպքերը քալէին այդ ճամբով։ Հարցնէիք իրեն։

 

-- Կա՞պը՝ սա պատահարներուն եւ Հայ Յեղափոխութեան։

 

-- Գոյութիւնն իսկ ընկեր Մաթիկ Մելիքխանեանցին, «էս մարզերում», այսինքն՝ «Կովկասից Բրուսա՜»։

 

Աս ըլլալու էր իր պատասխանը։

 

Բայց՝ ինչպէ՜ս։

 

-- Նոյն «էն ոգիին զօրութեամբը, որ մեր ժողովուրդը էլի կանգուն» կը բռնէր՝ կեդրոնէն այսքան հեռու շրջաններու։

 

Զայն մտիկ ընողը, տարուած իր խռովքին, հաւատքին, ճառագայթումին նուիրաբերումէն, կը բաժնէր իր կարծիքները, համոզուած՝ անոնց մեծ մասին տղայութեանը։

 

Յետոյ պէտք է աւելցնեմ, որ 900ին, մեր Յեղափոխութիւնը հեքիաթին վիշապն էր, մեր կողմերուն, դասական տրակոնը։ «Զայն տեսնողները քար կը դառնային»։ Սուտը, յիմար [91] անկարելին՝ կար տարիներու վրայ իրարու յաջորդող, թուրքին մէկ մասին այդ առասպելեալ կենդանիէն ունեցած անհուն հետաքրքրութիւնը [92] ։ Պոլսոյ մէջ ու մօտիկ, ազգային դատին չափ ու աւելի խռովիչ ընծայած էին վաւերականները այդ տիպարներուն [93] ։ Զանոնք հետապնդող ուժերուն ընդարձակութիւնը, սաստկութիւնը՝ բաղդատուած անոնց անձին մերկութեան, յաճախ անապաւէն լքումին (գոնէ չունէին ուժով իսկ մարմին ու քաղքենի տարազը զանոնք կ’ընէր աւելի պզտիկ, անատակ ու պարոն) խոտոր կը համեմատէր անոնց առաջացուցած սարսափին։ Մեր կողմերուն համար, լեռներու իշխող ասպատակը --ուրիշ երանգով՝ քոմիթա ն--   երկաթէ ոսկորներ ու գոմշու սիրտ կը կրէր իր կաշիին տակ։ Այնպէս որ, թուրքերուն կեղծ կամ իրական սարսափը քիչ-քիչ անցաւ մեզի ալ։ Մինչեւ 908, մեր շրջաններուն անոնցմէ շուքի մը տեղ մը երեւումը կազմեց դժբախտ առիթներ պառակտումի, իրարու հաշիւ մաքրելու։

 

Ու զարմանալի չէ, որ այն ատեն մա՛նաւանդ զօրաշարժի ենթարկուէին մեր ներքին թշնամիները, մեր իրերահալած բնազդները, ու ատիկա՝ ազգը սիրելով, շատ սիրելուն՝ անոր յօնքը հանելով։ Ասիկա ճիշդ է՝ որքան անըմբռնելի։ Տակաւին այսօր կացութիւնը մեր հոգիէն չ’ընծայեր ուրիշ պատկեր։ Ովկիանէ ովկիան իրար կ ’ատենք խստութեամբ մը, որ չի հաշտուիր սիրտ ըսուած գործարանին թելադրած խորհուրդին։ Առանց մշակոյթի վայրագ ցեղախումբերն անգամ     --դրէք թուրքը այդ տարազին տակ-- անցած են շատ եսական հոսանուտներու պատմականօրէն ճիշդ շրջանները [94] ։ Դաւաճան քահանան, մեր մէջ, փաստ մը չէ, այլ՝ մէկ զանակը այդ մտայնութեան։ Ու աւելի՛ն։ Ինչ որ քսանհինգ դար առաջ յոյները ըրին իրենց ցեղակից քաղաքներուն, ըրինք նոյնը մենք, մեր օրերուն, թուրքին հետ ձեռք ձեռքի հալածելով զանոնք բակի, սայվուն ի [95], արտի եւ կնիկի, կամ՝ հոս պատմուածին նման, տէրունական ասպարէզի [96], աւագերէցեան տիտղոսի սիրոյն. յետոյ՝ «մեր հաւատարմութիւնը ապացուցանելու համար յոտս վեհափառ կայսեր»։ Տխուրը՝ այս հակամարտութեան մէջ, մեր կոյր բնազդներուն մոլեգին թափն է, իրարու դէմ իրենց լրումով ոտքի։ Հայոց պատմութիւնը փոքր ու ստոր նախանձի դիւցազներգութիւն մըն է վեր-վար։ Մեր դասական անմիաբանութիւնը քլիշէ ըլլալու մեղքը դեռ չէ սրբագրած, անշուշտ։ Բայց չի դադրիր աւելի քան կենդանի ապրելէ մեր կիրքերուն բաւիղէն ներս։ Իրարու հանդէպ մեր քէները մեծցնելու, հերոսացնելու սա ազգային մենագարութիւնը, հայրենիքէն հեռու շրջաններու մէջ ըրած է աւելի խոր նուաճումներ։ Զարմանալի չէ ասիկա` տրուած ըլլալով ճառագայթման տկարացումը կեդրոնախոյս ուժերուն մօտ։ Թուրքը չէին սիրեր անոնք, որ մեր յեղափոխականները մատնեցին։ Բայց կ’ատէին զիրար։ Պոլիս ու անոր շրջաններուն, սա հոգեվիճակը ըրաւ մեր Յեղափոխութիւնը բացառաբար դաւադրական։ Անդին, մեր հայրենիքին մէջ, ան դաւադրական ըլլալէ աւելի մարտական նկարագիրով էր շեշտուած։ Տարբեր պատեհութիւններ կը պաշտպանէին զինքը։ Գոնէ կռնակը լեռ ունէր ա՛ն՝ որ տարերային ընդվզումով, իր քոյրը պղծող այլազգին կը սպաննէր, աչքը արիւն առած։ Բայց ինչ որ այդ շարժումը փորձեց Արեւմտեան Նահանգներու, մա՛նաւանդ Պոլսոյ մէջ, ուղղակի անձնազոհական հերոսութիւն մըն էր, զոր մեր ամրաշաղախ ատելութեան ոլորտէն չենք վարանիր ուրանալու, միշտ ազգասիրաբար, մա՛նաւանդ՝ երբ տիտղոսներ ունինք, ըսել կ’ուզեմ՝ գրագէտ, գործիչ, եպիսկոպոս, ուսուցիչ, ազատական ասպարէզներու լիտըր ներ։ Ու չենք կասկածիր, որ ժողովուրդի մը ուժը իր ոսկիներուն, իր մաղազա ներուն մէջ ընդունելու չափ իր զաւկըներուն հոգեհանքին մէջ սքողուն խորհուրդ է թերեւս։

 

Ասիկա այսպէս, դարէ դար։ Բայց մա՛նաւանդ 96ի ջարդերուն, երբ մեր ժողովուրդը իր մասնակի հոգեխօթութեանց վրայ աւելցուց մեծ որակուած ազգերուն գերագոյն խօթութիւնը։

 

Ու հասկնալի է, որ հիմա ըլլայ ասիկա, այսպէս, բայց գերադրուած, վասնզի 915ը համեմատելի չէ 96ին։

 

Անշուշտ, մեր այս պատմութիւնը, բռնապետութեան շրջանին իբր ոգեկոչում, իր գործողութեան յորձանքին մէջ պարտաւոր է նմոյշներ առնել այդ մարդերէն, որոնք յուսահատ այդ հերոսութիւնը արժեցուցին մռայլ, բայց անկնճիռ խստութեամբ մը երթալով մահուան։ Բայց կանխահաս, այսինքն՝ թոյլ է Մելիքխանեանց Մաթիկի հիւսքը, նման փորձի մը համար։ Անիկա այդ մարդոց խումբին կը պատկանի իր մահովը, աւելի ճիշդ՝ նախամահովը, ոչ՝ իր ուղիղ գործունէութեամբը, ըսել կ’ուզեմ՝ յեղափոխական միւս մեծ տիպարներուն լրիւ նուիրումովը։ Անիկա հերձուածող մըն էր, իր մարմինին եւ իր փառասիրութեանց խոտոր կշիռէն զգետնուած։ Զառածած էր մեր կողմերը, անշուշտ յուսահատ որոշումէ վերջը, երբ անկարող ինքզինքը հանդուրժելու, ու հանդուրժելու ուրիշները, լքեր էր Սասունը, դժխեմ հոգեպայքարէ մը յետոյ, ու յանձներ ինքզինքը բախտին։

 

Իր ոդիսականը առանձին վէպ է։ Չեմ կրնար ամբողջ գիրք մը նուիրել այդ տհաս տիպարին։

 

Բայց եթէ անոր կեանքը եղաւ խակ, անոր մահը սրբեց անոր մեղքերը։ Թուրքերը անոր վրայ գործադրեցին մէկը իրենց ամէնէն սառն ոճիրներէն, որոնք փառքն ու պարծանքը եղան անոնց պետական զգայարանքին։

 

Ու հիմա, ոճիրը։

 

ՎԵՐՋ Դ. ԳԻՐՔԻՆ

 

 


 



[1]            ամբարձիգ ?  ամբարձձիգ ?

[2]            սեփականութիւն, սրբագրուած՝ սեփականութեան

[3]            հակումով, սրբագրուած՝ հսկումով

[4]            նկուղ, սրբագրուած՝ նկուղին

[5]            ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[6]            փաչատումին, սրբագրուած՝  փողոտումին ?

[7]            ջնջ. բառ՝ ասոնք

[8]            բագին, սրբագրուած՝ բագինի

[9]            ոստայններուն, սրբագրուած՝ ոստաններուն

[10]          կռնակէն, սրբագրուած՝ կռնակին -- յաւելում բութի

[11]          յաւելում բառի՝ որոնք  ?

[12]          յիշատակարաններ, սրբագրուած՝ յիշատակարաններէն ?

[13]          կը պահեն, սրբագրուած՝ կը պահէ ?

[14]          ոչ-դիտումնաւոր, սրբագրուած՝ ոչ դիտումնաւոր

[15]          Ըլլալու չեն, սրբագրուած՝  Ըլլալու են - ?

[16]          յիմարներէն ?  յիմարներուն ? 

[17]          խնամքէն - ? 

[18]          Ձա՞յն - ?

[19]          աչքերուն, սրբագրուած՝ ալքերուն

[20]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[21]          վրդովումէն, սրբագրուած՝ վրդովումին

[22]          երեսէն, սրբագրուած՝ երեսին

[23]          Ծնթ. - գրալ - թագաւոր

[24]          չորս տասն ալ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[25]          վէզիրին ?

[26]          կեղադրուագ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[27]          սիրելով, սրբագրուած՝ սիրելո՞վ

[28]          պալատն, սրբագրուած՝ պայազատն

[29]          ջնջ. ստորակէտ

[30]          փայթոն ը ներքին  ?

[31]          կ՛անցնին, սրբագրուած՝ կ՛անցնէին

[32]          մտաւ, սրբագրուած՝ մտած ?

[33]          ջնջ. բառի՝ ու

[34]          մանրամասն շփոթելի արարած մը չէ ?

[35]          նման խուցէ մը ...... աղբի՜ւրը   ?

[36]          արձրօրէն խոնարհումը  ?

[37]          սփոփանքը ? ափափանքը ?

[38]          է առած, սրբագրուած՝ էր առած

[39]          կը տպաւորէ, սրբագրուած՝ կը տպաւորէր

[40]          զգուշութիւնն, սրբագրուած՝ զգայութիւնն

[41]          յաւելում գոցուող փակագիծի

[42]          Քրիստոսի, սրբագրուած՝ Քրիստոսէ

[43]          քանթոշներ, սրբագրուած՝ ֆանթոշ ներ

[44]          յաւելում երկար գծիկի - բացուածքով

[45]          ամբարձիգ ?  ամբարձձիգ ?

[46]          քառսուն ալ աչքերէն լուսաւոր կու գար --  ?

[47]          մեղքին, սրբագրուած՝ միտքին

[48]          յաւելում բութի

[49]          այլամերձ, սրբագրուած՝ այլամերժ: [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[50]          յաւելում բառերու՝ Մաթիկ Մելիքխանեանց  - ?

[51]          յաւելում ստորակէտի

[52]          ու սրբագրուած՝ որ

[53]          եղջումները, սրբագրուած՝ եղծումները: [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[54]          քահնող, սրբագրուած՝ քաղհանող

[55]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[56]          կը քաշէր, սրբագրուած՝ կը քալէր

[57]          առեր-տառեր, սրբագրուած՝ առեր-տարեր

[58]          թիւին, սրբագրուած՝ թեւին

[59]          յաւելում բառի՝ որ

[60]          հարցուցեր էին .... գիւտէն -  ?

[61]          սուր, սրբագրուած՝ սուտ

[62]          յարմարիլ, սրբագրուած՝ յարմարել

[63]          «միջակ», սրբագրուած՝  «միջա՜կ» -  ?

[64]          ձայն, սրբագրուած՝ ձայնը ?

[65]          Զուրիէֆը, սրբագրուած՝ Զաւրիէֆը

[66]          մատէ, սրբագրուած՝ մատի

[67]          Ահռել՝ այդ ոսկորը -  ?

[68]          եռանկիւն, սրբագրուած՝ եռանկիւնին

[69]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[70]          ջնջ. ստորակէտ

[71]          այն ատեն, սրբագրուած՝ նոյն ատեն

[72]          Ծնթ. - փերչէմ՝ վարս, մազափունջ:

[73]          հոգուով, սրբագրուած՝ հոգւով

[74]          թրքութեամբ, սրբագրուած՝ թրքացմամբ

[75]          արաձակումէն, սրբագրուած՝ արձակումէն

[76]          ջնջ. կրկնուած տողեր՝ մարդասպանին մէջ կը ստեղծեն բացառիկ մթնոլորտ: Ա՛ն՝ որ կաշառքով կամ թրքութեամբ՝ ենթակային ազատ արաձկումէն ետքը կը յօրինէ անոր հեքիաթը: Գեղին մէջ քանիներ մարդասպան՝ բայց  դրամով զատուած կախաղանէն, կ՛անցնէին պատկառանքի Տկարութեան հովը տգեղ է անոր մօտ, որ սպաննած է:

[77]          լսել ? լռել ?

[78]          հաշուոյն, սրբագրուած՝ հաշւոյն

[79]          դաւե՞րը, սրբագրուած՝ ցաւե՞րը

[80]          ունեցած, սրբագրուած՝  ուռեցած - ?

[81]          ջնջ. բառի՝ նոյն

[82]          յատակ ունենար - ?

[83]          աճումը, սրբագրուած՝ աճումի

[84]          սպաննելուն, սրբագրուած՝ չսպաննելուն

[85]          իրենց, սրբագրուած՝ զիրենք - յաւելում բութի

[86]          նրան, սրբագրուած՝ նրա

[87]          օբյեկտիքական, սրբագրուած օբյեկտիւական    ?

[88]          փճացուցած, սրբագրուած՝ փճացուած

[89]          գրուստ, սրբագրուած՝ դրուստ

[90]          կարճատեւ ? կարճատես ?

[91]          ջնջ. ստորակէտ

[92]          կար....  հետաքրքրութիւնը -  ?

[93]          ընծայած էին ... այդ տիպարներուն - ?

[94]          շատ եսական .... շրջանները - ?

[95]          Ծնթ. - սայվուն բակ[-դուռ]ին տանիքը, որ կ’երկննայ մինչեւ տունին մարմինը։

[96]          ասպարէզէ, սրբագրուած՝ ասպարէզի