Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔ Ե

Ա.

 

Շաբաթ մը վերջ    --որուն ընթացքին Սողոմենց Սողոմը ենթարկուեցաւ ամէնօրեայ, մասնակի քննութիւններու, վճիռին [1] եւ կեանքին վրայ խոր հետեւանքներով, զինքը խախտելով իր հոգեհէնքէն--   էտինքի մը, բանտարկեալները երեքը մէկ հանուեցան դուրս, շղթայով սենեակէն։

 

Բացառիկ, սա ելքը։

 

Ժամանակին անպատեհութիւնը, սենեակին մէջ բան մը չթողելու խիստ հրահանգը, բայց մա՛նաւանդ զիրենք վարող ջոկատին արտաբերած հոգեկանութիւնը [2] ուշագրաւ էին, ա՛յնքան՝ որ նկուղին մէջ զգալու եւ տարազելու վարժուած Մաթիկին ա՛լ [3] գրեթէ խուփ ջիղերը անգամ տպաւորուեցան անկէ։ Թրքութի՛ւնը՝ երբ ոճիրէն առաջ անզգած, անկնճիռ նենգութիւն է։ Այս ժողովուրդին հոգին մենք կը ճանչնանք, վասնզի եղեր ենք անոր հետ այս րոպէներուն։ Ըսել կ’ուզեմ՝ կեցեր ենք քով քովի, մենք խուլ խռովքով մը հազիւ ընդզգալով աղէտը, իրենք՝ զայն իրենց գրպանին, մեզի հետ խօսելով ինքնազուսպ ու նենգ։ Քա՞ղցր։ Գրեթէ, եթէ երբեք ջարդի մարզանքը ու ատոր հերոսներուն մոնկոլեան դիմագիծերը այդ բանը ըրած չըլլային անկարելի։ Քաղաքական հասունութի՞ւն, նախնական ժողովուրդի անկատարութի՞ւն, անոնք հանդարտ են արիւնէն առաջ, վերադառնալու համար իրենց անասնութեան լրումին, երբ արիւնը վազէ անգամ մը։

 

Սպան [4] այդ ջոկատին, կապուտի զարնող երեսներով, որոնց նոր սափրուած մորթը լապտերներուն լոյսովը ծիածանուող բան մը կ’ըլլար, այդ պահուն կը թուէր քաղքենի պարոն մը, չճանչցողին համար՝ հեռու իրենց պատմական [5] իմաստէն, տպաւորելով, պատրելու չափ նենգ՝ բարութեան, գութի, ու խաղաղ ժամու ծարաւի աչքերը երեք հայերուն։ Տանջանքէն վեր կարօտ է մեր մէջ այս փափաքը դէպի կեանքը, զոր կը տեսնենք ուրիշ ժողովուրդներու բաշխուած այնքան առատ, ու մեզի՝ այնքան նե՛ղ, այնքան քացախով ու թոյնով խառնուրդ։

 

Չէին կապուած։ Ու նորութիւն էր ատիկա։

 

Բայց զօրաւոր՝ արգելքը իրարու հետ խօսելու։ Բանտին, աւելի ճիշդ՝ բանտարկեալին հետ օրէնքը պատահական բառ է, հանդիպողին խելապատակէն թելադրուած։ Անոնք չհասկցան պատճառը, որ այդքան խ իստ ձեւով մը հարցումն իսկ չէր արտօներ հայերուն։ Բայց մարդիկ մտիկ կ’ընեն, ուրիշ բանի անկարող ըլլալնուն։ Մաթիկ Մելիքխանեանցը բիրտ ապտակով մը գոհացում տուաւ իր մէկ հարցումին։

 

Ճամբա՞ն։

 

-- Տարբեր ամէն օրուան ճամբայէն։

 

Մաթիկը եւ ընկերը ոչինչ կը յիշէին մուտքէն եւ ելքէն` շղթայով սենեակը իյնալէն ասդին, սպառելով իրենց հոգեկան պահեստէն։ Մահէն առաջ մեր քիչնալը օրէնք է, կ’ըսեն։ Ու երկու յեղափոխականները աշխարհիկ զգայութիւններէն իրենց պաղելուն համեմատութեամբ, կը խորանային միւսին, անխուսափելի գալիքին ընկալչութեանը մէջ։ Նահատակի հոգեբանութիւն մը կայ, որ այս այլուրութեան պարունակին մէջ կը զետեղուի։

 

Լապտերներուն ստեղծած դողահար լոյսը կամարակապ այդ պատերը կ’ընէր աւելի վատ ու տրտում, անոնց գլուխէն վեր, շարժուն ու վէտ ի վէտ, քանի որ աղիւսներուն ակռաները կը պահէին իրենց շեշտ գիծերը։ Իրականէն վեր, դուրս քալելու այս պատրանքը կը հովահարուէր, տեղ-տեղ, զանազան մեծութեամբ սատանայի մօրուքներով [6], որոնք առասպելական գազաններու ատամնաշարքէն առկախ լեզուներու կը նմանէին, թիզէն վեր հասակին ծայրին սուրնալով, ինչպէս կ’ընեն մօրուքները։ Լոյսը զանոնք կը ներկէր, խատուտիկ բան մը հանգրիճելով անոնց քմահաճ քուլաներուն։

 

Զոյգ դուռներ։ Հատա՞ծ՝ փապուղին։ Դիւրին չէր ճշդել ատիկա։ Վասնզի այդ իրերանցիկ բաւիղներու հանգոյցներուն այդ տեսակ դուռներ կոճակ [7] կը թուին ու տեղ մը չեն հաներ։

 

Ջոկատը կանգ առաւ։

 

Լապտերները դուռներուն դէմ դողացին, սովորականէն աւելի երկար։ Երկաթ թերթը, որ զանոնք կը պատէր, խոցուած էր շատ մը տեղեր։ Դէմքե՜ր, այդ դիմակները, դրուած պատերուն անթափանց խորհուրդին։ Ուրիշ երկրի մը մէջ անոնք մեր ներսը կ’արթնցնեն մեր պարապութեան գիտակցութիւնը, անցեալ քաղաքակրթութիւնները այդպէս ժանգոտ թերթերու ճակատագրին մէջ կարդալով։ Թուրքերով բնակուած հողամասերը միշտ կասկածելի են իրենց ընդերքներէն։ Հողին տակ այդ աւերակները չեն մեռած, վասնզի յաճախ նոր որսեր ունին իրենց ներսը։

 

Անոնց առջին մարդահասակ տակառներ, բայց քարէ։ Որոնց երեսին ջուրը պահ դրուած արիւնի կը նմանէր։ Ի՞նչ էր ատոնց գործածութիւնը հոդ։ Ու Սողոմին մտքին այցելեց հեքիաթին պառաւը, որ այդ տեսակ տակառներուն մէջ կը թաղէր աղջիկները, անոնց մազերը օձերու հիւսքի մը փոխելու։ Ընկեր Մելիքխանեանցն ալ հազիւ յիշեց իրենց բակը, հոն նստող ներկի գուբերը, որոնց մէջ իր հօրը մատները արաբի պէս սեւ կ’ըլլային։

 

Անիկա կտաւ [8] ներկողի մը զաւակն էր [9], Կովկասի ո՜ր գեղէն։

 

Պէտք է կարճ ըլլալ ու լոյսին հանել այդ մարդերը։

 

Տարօրէն քաղցր, համով, զով, արե՛ւը։ Ուրեմն կեանքը կեանք էր դուրսը, հեռու Կովկասի սարալանջերուն ու Նիկիոյ լիճին ալ ափին, ուր ջուրը հիմա ձուկերը կ’արծըթէր ու Նալպանտենց այգիներուն վրայ զեփիւռ կը ղրկէր։ Հէ՜յ մեր կեանքը։

 

Ոստիկաններուն նրբանցքին, անոնց գնացքը ստեղծած ըլլալու էր ընդարձակ հետաքրքրութիւն, վասնզի գովուշ ներէն, դիւանիկներէն, սանկ ու նանկ կասկածելի հիւղերէն ու պահակներու յատուկ փայտեայ գլանաձեւ տաղաւարներէն գլուխներ ուրուացան, փաթթոցով կամ ֆէսով։ Կարծես մէկը կը հրահանգէր անոնց բուսնիլ ու մնալ, բանաձեւի մը կանոնաւոր յարդարանքին մէջ։ Դիտելէ ախորժաթափ Մաթիկը խթանուեցաւ այս այլանդակ ոճէն, որ այդ գլուխներունն էր, իրենց ոստայնին մէջ տարօրէն նոյն, հակառակ տարազի, տարիքի մեծ զանազանութեան։

 

Մեծ դիտող ու անհանգիստ դատող, Մաթիկ Մելիքխանեանցը այդ հետաքրքրութեան մէջ գտաւ նորութիւն։ Ծեծ ուտելու համար թիւ տասներկու նկուղէն փայտանոց առաջնորդուած ատեն, առջի շաբաթներուն, անիկա տառապած էր զինքը աչքի տակ պահող այդ մարդոց սպառնագին խստութենէն։ Անիկա, Ռուս Յեղափոխութեան դպրոցին մէջ կազմուած իտէալիսթ, թուրքերուն մօտ այս վայրենութիւնը չէր չափեր տաճկահայերուն զգայարանքներովը։ Անշուշտ դեռ չէ վերցած զգալու սա տարբերութիւնը մեր ժողովուրդին երկու մեծ հատուածներէն։

 

Չազդուեցաւ։ Ու չփոխուեցաւ անփոյթ իր հալածանքին։

 

Մեծահասակ անոր ընկերը, որ քիչիկ մը փախուկ, այսինքն՝ խելքէն կակուղ տղու մը համբաւն էր շիներ բանտին մէջ, ծեծին տակ դիմանալու իր հերոսութեան քովիկ, անկէ աւելի օտար կը զգար ինքզինքը, սա եղէգնաւոր ականջներուն կոշտոտ [10] ու քերուող լարումէն։ Պարզ տղայ, պարտութենէն առաջ պարտուած անոր հոգին փախած էր անոր ծածուկ մասերը։ Մահուան ցանկութի՞ւն մը։ Ատ ալ բան մը կը նշանակէ ի վերջոյ։ Անիկա դուրս է ատկէց ալ, նոյն ապակամ տրամադրութեամբ, որով լքեր էր հօրը տունը` ետեւէն երթալու համար զինքը տանողին, նոյնիսկ գրողին, բա՛ւ է, որ մեկնէր իր քաղաքէն, թուրք ու կատաղի քաղաք, ուր անոր պատանութիւնը զարնուած էր եղերական օրերուն, երբ թուրքերը զինքը պառկեցուցին փողոցին մէջ ու դրին վզին դանակ, մեծ եղբօրը դիակին վրայ, զինքն ալ մորթելու, բայց արձակեցին։ Այդ օրէն անոր խելքը մորթուած էր ու չէր խօսեր։

 

Սողո՞մը։

 

Անիկա առաջին անգամն էր, որ կը գտնէր թուրքը այսքան հոծ, միատարր, հանդիսաւոր ու ինք իր տարերքին մէջ։ Ապակիին ընդմէջէն աւելի դալկացած, կանանչի իսկ զարնող այդ ածիլուած, հաստ կամ մօրուքով խորշոմած երեսները պայծա՜ռ՝ իրենց թթուութեան մէջ, փաթթոցներուն էապէս թուրք սարսափէն զատ, տպաւորիչ էին իրենց մաքրութեամբ։ Ու հաճ ու հաճի պէյերը դիւաններուն, իգացած, դէմքով, ու տարազով եւրոպացի, իրեն կը թուէին մարդեր, թուրքէն տարբեր ժողովուրդէ մը։ Գեղացին իր աշխարհը դժուար կը փոխէ։ Անոր ուղեղին՝ թուրքը երկու հիմնանկարով կը ներկայանար։ Որոնցմէ մէ՛կը՝ բոլորին ծանօթ գաւառակի իշխանաւորը, ոստիկաններով, հարկահանով ու « սարայ ին» սենեակները լեցնող «իւր սարօքը»։ Ամէն գեղացի այդ տեղերէն անջինջ դրուագներ ունի իր ուղեղին խորը։ Մի՛ւսը՝ լիճի ափերուն ցրուած գեղերէն խելօքիկ ու յոգնած աղաները [11], ճիշդ ու ճիշդ հայու պէս շինուած, մեռոննին պակաս, բարի դրացի, հասնող նեղ օրիդ։ Թո՞ւրք։ Այո՜, տարին հազիւ ամիս մը սակայն, այն ալ՝ Ռամազանին, երբ կը նեղուի հոտէն կեավուր ին եւ կը նեղէ։ Թուրք հողագործը այս գեղերուն մէջ բնիկ տարրին մնացորդը կը թուի ինծի, այնքան քիչ է թրքութիւնը բարքէն, դէմքէն։ Անոնց կիները կորսնցուցած են (աւելի ճիշդը՝ չեն ունեցած բնաւ) նշաձեւ աչքերը նրբին թրքուհիներուն ու իբր կաղապար մօտ են մերիններուն, մորթով աւելի բաց, աւելի փոքր՝ մարմինէ, հասկնալի օրէնքներով։

 

Ո՞ւր։

 

Ապտակէն յետոյ նոր հարցական մը անիմաստ էր։

 

Դուրսն էին ու անիկա բաւ էր անոնց։

 

Այդ օրը Սողոմը չէր եղած անհանգիստ, ընթացիկ այն հարցաքննութեամբ, որ շաբաթներ ամբողջ գործադրուած էր իր ընկերներուն վրայ, իր գալէն առաջ եւ կը շարունակուէր իր վրայ, շաբաթէ մը ի վեր։ Այդ հարցաքննութեանց մէջ անիկա խնայուած էր անհասկնալի հաշիւներով։ Ծեծ չունեցաւ սգալու։ Ոչ ալ բռնութիւն։ Մեծ ազատութիւն՝ ուզածը ըսելու, ուզածը լռելու, ա՛յնքան՝ որ կասկածելի գտաւ ան այդ թուլութիւնը։ Ան չէր գիտեր, թէ միւսթանթիգ էֆէնտին «վերէն, բարձր տեղէն» հրահանգ ունէր այդպէս վարուելու։ Չէր գիտեր, թէ քոմիթա յի հարցը զատուած էր իրմէն, քոմանտան փաշային թափանցողութեամբը, որ սկիզբէն ի վեր գեղացիները զոհ կը դաւանէր դուրսեցիներուն, բոլորն ալ «վնասակար անձնաւորութիւններ» [12] ընթացիկ տարազով պիտակուած։ Չէր գիտեր, թէ իր ոճիրով հետաքրքրուած էր մատաղ աղջիկ մը, որ հօրը նոթերը կ’առնէր, ապագայ հոգեբանական գիրքի մը իբր նախանիւթ եւ կը ճանչնար Նալպանտենց Աղուորը, Սողոմին նշանածը, մեռած քրոջ անունը ու տակաւին ուրիշ մանրամասնութիւններ, միւսթանթիգ էֆէնտիին թուղթերէն վերցուած։

 

Ո՞ւր։

 

-- Ներկայանալու՝ մեծ ժողովի մը։

 

Այսպէս էր որոշած շատ իմաստուն, բարձրաստիճան այն ժողովը, որ քաղաքին ամէնէն խելացի, նոյն ատեն խորապէս թուրք տարրերէն էր կազմուած։ Թուրք աւագանին, ցեղային թշնամիները զգալու իր եղանակով, ուշագրաւ պարզութիւն մը կ’ընծայէ։ Փոքր ազդանշանի մը տակ, անոր ամէնէն զտարիւն ազնուականը, ահաւոր բնականութեամբ մը կը միանայ ամէնէն գռեհիկ, հաստ ոճրագործին։ Ու տարօրինակ է սերտութիւնը այս միացումին։

 

Երեք օրէ ի վեր, այդ ժողովը, օրական տասներկու ժամ  --իրականին մէջ վեց, վասնզի բոլոր նստակեաց հերոսներուն սովորութիւնն է ստուերով տեսնել իրենց գործերը--   նիստ էր ունեցեր քոմանտան փաշայի ապարանքին մէջ, Պոլսէն ժամանած արտակարգ պատուիրակի մը պահանջովը։

 

Լիակատար խղճմտութեամբ այդ պատուիրակը քններ էր ծայրէ ի ծայր քոմիթա ներու եւ Սողոմին դատերուն բոլոր թղթածրարները, բաւական դժուարութեամբ զատելով արժէքով փաստերը սուտ, բռնի կորզուած վկայութեանց դէզերէն, որոնք գործն էին եռանդուն միւսթանթիգ ներուն, տասնապետներուն, նոյնիսկ գեղի աղաներուն։ Չնաշխարհիկ «տոքիւմէնտները», Մաթիկին հեգնութեամբը։ Արտակարգ պատուիրակը թեթեւ, բայց դառն ալ քմծիծաղով պատռտեր էր հաց-եփ Մարթային ստորագրած նշանաւոր խոստովանագիրը ու կուսակալութեան շատ եռանդուն դատաւորին ծեծովը՝ տասնէ աւելի բռնի կորզուած ուրիշ վկայութիւններ քոմիթա ներէն, որոնք ստորագրած էին ինչ որ փչեր էր խելապատակը միւսթանթիգ էֆէնտիին։ Երանելի պաշտօնատա՜րը  --փոքր աթոռներու մեծ առիւծները եւ անոնց   անյատակ յիմարութի՜ւնը--   իրար հերքող այդ իրատէ ները խմբագրած էր մեծ խնամքով, առանց անդրադառնալու ստեղծուող ապուշութեան։ Ծեծին տակ, ծներ էր տասը զանազան քաղաքներու մէջ այդ նշանաւոր Մա… տէուս ը, այլ անուամբ՝ Մաթիկ, այլ անուամբ՝ Մելիք։ Ու այդ քաղաքները անոնք էին, ուր պաշտօն վարած էր ինքը դեռ դիւանի քարտուղար ու սանկ ու նանկ խմբագրող, յարաբերութեան մտած անշուշտ հայերուն հետ, որոնց անունները ամբաստանեալն ալ կը շփոթէր իրեն պէս, աւելորդ անգամ մըն ալ անհերքելի փաստը տալով քոմիթա յին նենգութեան։ Ճշմարիտ խօսելու չէին անշուշտ այդ մարդերը։

 

Պատուիրակ փաշան, որ գործը կը ճանչնար ակէն, վարած ըլլալով Սողոմին ձերբակալութիւնը գեղէն, հեղինակաւոր անձն էր այդ խորհրդաժողովին։ «Սուտ խենթը» արեւելեան բացատրութիւն մըն է ու կը տարածուի աւելի շատ թուրքերուն վրայ։ Փաշաները ատիկա կ’ըլլան, երբ օգուտ տեսնեն։ Հակառակ անոր, որ համոզուած էր Սողոմին հարցին եւ միւսներուն յանցանքներուն իրարմէ անկախ ըլլալուն, պատուիրակ փաշան ճկեցաւ դէպի թուրք հասարակաց մտայնութիւնը, որ այդ օրերէն մինչեւ հիմա հայերու ամէն խումբին մէջ քոմիթա միայն կը տեսնէ։ Այս զիջումը ընելէն յետոյ, գործին նրբազնին ուսումնասիրութիւնը դիւրացնելու համար ըրաւ շատ «պատեհ» թելադրութիւններ։ Իր առաջարկն էր յանցաւորները ենթարկել վճռական փորձի մը` զանոնք հանելով իրարու դէմ, ճարպիկ վարուած հարցաքննութեան մը մէջ, ստուգելու համար հրկիզութեան եւ սպանութեան զոյգ ոճիրներուն մէջ մատը քոմիթէին։ Հաստատական պարագային   -բա՛ն մը՝ որուն իրականութիւնը դժուար կ’ընդունէր ան, քոմիթա ներուն եւ գեղացիներուն մէկտեղ գործակցութեան կարելիութիւն չըլլալուն--, ծանրանալ երիտասարդ Սողոմին վրայ` անոր միջոցով փորձելով քակել անուններուն ծրարը։ Այլապէս զատել դէպքերը։ Քոմիթա ները դատել առանձին, բա՛ն մը՝ որ կատարուած նկատուելու էր արդէն։ Ու անոնց պատիժը պա՜րզ, մա՛հը, բայց անպաշտօն, առանց դատական վճիռի ու ասոր կապուած իրարանցումի՝ հայերուն յեղափոխական մամուլին մէջ, ինչպէս թելադրեց անոր գլխուն խելացի շարժումը, քիչ՝ բայց ամբողջ։ Ու դատել Սողոմը իբր մարդասպան։

 

Կը տրամաբանէր հանդարտ։ Փորձ՝ դատական մեքենականութեան մէջ, ու իրեն մասնագիտութիւն ընտրած հայկական քաղաքական շարժումներուն ուսումը, կը խօսէր համոզիչ, բայց թուրք յստակութեամբ մը։ Հիմնականը, ըստ անոր հեղինակաւոր կարծիքին, երեւան հանուիլն էր քոմիթէին մարդերուն։ Անոր գոյութիւնը ուրանալ տղայութիւն պիտի ըլլար։ Բայց զայն տեսնել նոյնիսկ հաւու հաւկիթին մէջ՝ չափազանց։ Հակառակ պոլսական շատ զօրաւոր ոստիկանութեան, ու այնքան հսկողութեան, այդ քոմիթէն Պոլիս էր, կը գործէր։ Ու իրենք, իշխանութիւնները գիտէին ատիկա։ Պոլիսը շատ լրջութեամբ կը սպասէր այս ժողովին եզրակացութիւններուն։ Ուրե՞մն։ Տասը աչքերու ուշադիր սեւեռումին տակ կատարել [13] դէմընդդիմում ու արդիւնքին համեմատ խմբագրել տեղեկագիր` գոհացում տալու համար մայրաքաղաքին խոր հետաքրքրութեան։

 

Մեզի ծանօթ հազարապետ փաշան, թէեւ Սողոմին հետ իջեր էր [բանտ-]քաղաք [14], քններ անձամբ քոմիթա ները ու անցնելով Պոլիս տուած էր իր դիտողութիւնները, հետեւութիւնները, «բանիւ բերանոյ»՝ [15] խռովուած վեհապետին, բայց չէր յաջողած անդորրել անոր դիւրաբորբոք կասկածանքը։ Ժուռնալ ները, միամիտ, հաւատարիմ, խանդավառ իրենց գրականութեամբը աւելի տպաւորիչ են, քան ողջմտութիւնը, ցամաք գիտութիւնը։ Ասկէ զատ, ընկալուչ տրամադրութիւնն ալ դեր ունի մեր երկբայանքին մէջ։ Բռնապետները դժուար պիտի հաւատան ամէն բանի, որ բռնական գործողութիւն չէ։ Փաշան, [16] ապահովելու համար վեհապետին պղտորուած վստահութիւնը, պարտաւորուած էր կրկին դառնալու Պրուսա։ Օրինաւոր եւ լիագումար ժողով մը «յետ մանրախոյզ քննութեան», պայծառ եւ ընդարձակ անդորրաթուղթով մը վաւերացում պիտի բերէր հազարապետ փաշային ենթադրութեանց եւ վճիռին։

 

Աս՝ պատրուակն ու նպատակը այդ արտակարգ ժողովին։ Այն ատեն ստեղծուած չէր «Ընդհանուր ապահովութիւն» անունով ծանօթ մռայլ կազմակերպութիւնը, բայց կը գործէին, բացառաբար հայերու համար, «Ստուգիչ յանձնաժողովները»։ Որոնց կազմը, կեղեքողական ըլլալուն չափ՝ հաւատաքննական էր, սկիզբէն իսկ, [17] Իթթիհատի գաղափարաբանութեան [18] մէջ բնաջնջական դառնալու համար։

 

Ժողովը, անոր նպատակները ծանօթ էին բանտ-քաղաքին կառավարութեան, բայց անծանօթ՝ քրիստոնեաներուն։ Իրենց գաղտնի կազմակերպութիւնները օտարէն ծածկելու մէջ շատ բծախնդիր  --մեր ջարդերուն եւ 915ի տարագրութեանց մեքենական մեթոտները եւ անոնց անսխալ արդիւնքը անգամ մըն ալ ապացուցին գերազանցութիւնը թուրքին սա զգայարանքին եւ մերինին ծիծաղելի տկարութիւնը--, իրենք իրենց մէջ թուրքերը անփոյթ են։ Երկիրը մեծ մասին մէջ տեղեակ կ’ըլլայ հոն բաներու, որոնք ուրիշ ժողովուրդներու մօտ պատկան մարմիններէն չեն ելլեր դուրս։

 

Ըսի՞, թէ պատուիրակ փաշան հիւրն էր բանտերու վերատեսուչ փաշային։ Ու անիկա պոլսական եռանդով ու արեւմտեան միտքով ընտանիքի մը հազուադէպ մթնոլորտէն զատ Գերմանիա ըրած մեծ գիտունի մը հետ պիտի խորհրդակցէր կայսրութեան նորոգումին։ Քիչ ժողովուրդ այնքան խոր կը հաւատայ գիտութեան, որքան թուրքը, առանց հրաժարելու գիտութեան gageէն։ Տակաւին այսօր, հազար ինը հարիւր երեսուն երեքին, անոնց յեղափոխութիւնը՝ բոլշեւիկեան մկրտութեամբ, ինքզինքը կը ներկայէ սուլթաններէն աւելի մոլեռանդ ազգային գետինի վրայ ու լեզու կը գտնէ Մոսկուայի՝ ինչպէս Արեւելքի իսլամ վեհապետներուն հետ, հաւասար անկեղծութեամբ։

 

*   *   *

 

Յանցաւորները, փոխանակ փայտանոց, ծեծի իրենց օրինական բաժինին առաջնորդուելու, հանուեցան ապարանքի նրբուղին։ Կէս մեթր տրամագիծով ու հինգթեւեան աստղեր կը կազմէին համբաւը այդ ուղիին։ Համաչափ ու համագոյն կոպիճներ, ճարտարութեամբ հիւսուած հողին, ով գիտէ ո՛ր մեղաւորներուն մատներովը, կը յօրինէին ճաճանչները այդ աստղերուն, վայելուչ նրբութեամբ։ Ամէն օր, այդ աստղերը կը լուացուէին թեթեւ պատժապարտներէ։ Տերեւ մը՝ մեղք հոն։ Վարդի, մեխակի, շահպրակի թաղարներ, ինչպէս նաեւ կէս արեւադարձային մշտադալար տունկեր, փայտեայ մեծ սնտուկներու մէջ, փոխադրական, կու տային այդ ճամբուն կանացի համ մը։ Իրականին մէջ անիկա գործն էր քոմանտան փաշային կնոջը։

 

Զօրանոցային իր նկարագիրը այդ շէնքը կորսնցուցած էր արդէն, նոյն ճաշակին շնորհիւ։ Նե՛րկ։ Հաստ պատերուն թրքական երեսը տեղի էր տուած պաղպաջուն ճերմակի մը, զոր մեծահարուստ փաշան չէր խղճահարեր բեռցնել պետական պիւտճէին սկզբունքային տեսակէտներով։ Բացի կեդրոնական իր դիրքէն՝ անիկա ունէր առաւելութիւնը կահաւոր ըլլալու պոլսական ճաշակով, որ թրքական աւագանիին մէջ խառնուրդ մըն է, ասիական թանկ ու ծանր ոսկեղէնին, եւրոպական պայծառ ու թեթեւ պարզութեան։ Անոր բակը՝ ջերմանոց։ Սրահները՝ նկարահանդէս։ Ամէն օր սեւուհիներ, ճերմակ սաւաններով, փոշին կ’առնէին քարերուն՝ ինչպէս նկարներուն։ Ու պատշգա՛մ, թրքական պալատներու մէջ անսովոր այդ նրբութիւնը, որ վերէն կը տիրէր ամբողջ բանտ-քաղաքին։ Քոմանտան փաշային գիտունի համբաւն ալ կը միջամտէր, որպէսզի քաղաք այցելող եւրոպացիներ, մզկիթները, աւերակները, դամբարանները աչքէ անցընելէ եւ յոգնելէ ետքը, հանդիպէին կառավարութիւն ու առաջնորդուէին ապարանքը, հիանալու համար անոր իսկապէս գեղեցիկ մատենադարանով, նոյն ատեն աշխատանոց՝ անոր գիտական փորձերուն։ Պոլսէն ղրկուած բարձրաստիճան հիւրերը յայտնի հաճոյքով կը փնտռէին անոր սրահները, ուր եւրոպական տարազով տիկին մը իր տանտիրուհիի դերը կը տանէր խելքով, լրջութեամբ ու շնորհով, սարայլը կնոջ մը պատկառանքը՝ աչքերուն։ Կայսերական կանանոցէն իշխանուհիներ, օդափոխութեամբ կամ ջերմուկի համար Պրուսա իջնելնուն, հաճոյքն ունէին քաղաքին միակ պոլսական ապարանքէն պատուըւելու։ Հասկնալի՞, քոմիթա ներուն գործով Պրուսա ղրկուած հազարապետ փաշան, [19] հիւր սա պալատին։

 

Բանտարկեալները վարող ջոկատին յիսնապետը, հակառակ իր ստացած բացորոշ հրահանգին, մուտքէն բաւական հեռու կեցուց խումբը ու յառաջացաւ առանձին։ Անոր թանձր իմացականութիւնը կը տառապէր ընդունելու սա աղտոտ խոզերուն ոտքը բակի հրաշալի մարմարներուն վրայ, որոնք կը թուէին լեզուով ըլլալ սրբուած։

 

Մո՛ւտք։

 

Ուր, կլոր, երեք ջաղացքարի մեծութեամբ միակտուր մարմար մը, փոքրադիր կալի մը նման, զոր կ’երիզէր սեւ սաթի կէս թիզ լայնքով շրջածիր մը, բռներ էր առաջամասը ապակեղէն կառոյցի մը, նախաբակ ու ջերմանոց նոյն ատեն։ Այդ կալի կեդրոնին եռանկիւն նկարիկներով հինգթեւեան աստղ մը դարձեալ, գոյնզգոյն ու ճաճանչագեղ [20] ։ Ներսը, մարմարին ծո՞վը, սառնարա՞նը [21] ։ Ո՛րը որ կ’ուզէք։ Մասնաւոր մոմլաթէ շերտեր, Գերմանիա պատրաստուած, գորգի պատրանք թելադրող տեսակէն (տիկինին պահանջն էր ատիկա պարսկական հարազատ գործուածքներուն տեղ, որոնք ծանր ըլլալու մեղքը ունէին), մարմար այդ յատակին վրայ երեք թիզ լայնքով ճամբաներ կը փռէին գեղին ծաղիկներով ցանկապատ։ Գերման միտքին յաղթանա՜կը։ Հսկայական երկու փեղկեր, կարմիր ապակի, ամբողջովին ապակի այդ պատէն [22] ։ Տեսանելի՝ [23] տասը քայլ հեռուէն, թաղարներու շարքը, որոնց խեցին ներկուած էր բանտին ընդհանուր գոյնովը, պէժ ՝ այդ քաղաքին մէջ։ Քոմանտան փաշան հակառակ իր անբաւ հարստութեան, զուտ սկզբունքային տեսակէտներով, իր բնակութեան [24] սահմանուած այդ առժամեայ բնակարանին մէջ, հասկնալի է, որ գործադրէր պետական արդարութիւն, ժողովրդական առածի մը վճռածին նման` կալ ընող եզին ցռուկը ազատ պահանջելով։ Զեղծումի հանդէպ իր կորովի, ուղիղ կեցուածքը   --կը պարծենար իր օրերուն շատ հազուագիւտ այդ առաքինութեան վրայ, զայն մենաշնորհելով իր ազգատոհմին, յետոյ՝ իր ցեղին, երբեք՝ գերմաններուն, որոնք զինուորներ, բայց գէշ մատակարարողներ, մա՛նաւանդ մեծ կծծիներ էին ըստ իր փորձառութեան--    թերեւս պատճառն էր այդ փոքր խղճահարութիւններուն։ Քոմանտան փաշան պետական նպաստներուն հազարներով կը մասնակցէր ու իր կարասիներուն ներկը պետութեան հաշուոյն կը գործածէր։ Մանր բաներու հանդէպ խղճմտութիւն մը շօշափելի երաշխիք մըն է հարկաւ մեծերու մասին։ Թաղարներու մէջ լեմոններ, ճռզած, փոթ-փոթ, ամօթի մը պէս սեւցած իրենց քիթերէն։ Անշուշտ անոնք հոդ տառապելով հանդերձ, նպաստած էին անոր գիտունի համբաւին` լատինական իրենց անունները տախտակիկներով կրելով իրենց ոստերու բխումին։

 

Տգեղ ու հաստ տերեւներով տարաշխարհիկ բոյսեր, անոնք ալ տաճկըցած, արաբական տառերու այլանդակումին մէջ։ Ու գաճաճ արմաւ[ենի]իներ [25], որոնք ցօղուն չունին ու միայն մազ կը հանեն իբր տերեւ։ Մեծկակ տունկերու ցօղունները տեղ-տեղ արծաթագոյն բանով մըն ալ պատուած էին, քմա՜յքը տունի աղջիկին, շոքոլայի թուղթերով վերմակելու անոնց մսկոտ բուները։ Աղջիկներու հոգին փափուկ է, նոյնիսկ փայտերու հանդէպ։ Մարդերո՞ւ։ Ատ ալ պիտի տեսնենք։

 

Արե՛ւ։

 

Ու ապակի որմերէն անիկա ինկած էր ներսը` ստեղծելու արիւնի, մանիշակի, ոսկիի եւ նարինջի տեսակ մը հեքիաթի խառնուրդ, կանանչով տերեւուած ու ստուերով եզերուն։ Գեղեցիկ, ձիւնին մէջ դուրսէն դրուած դեղին տուփի մը նման, աւազա՜նը, միակտուր մարմարէ մը հանուած ու կարծես պոռթկացած՝ այդ յատակէն, շատրուանին ճիգին [26] մէջ, այնքան դաշնաւոր էր անիկա իբր կորութիւն ու իբր կոճակ։ Անկէ կը դողդղար ջուրը, բարակ շատրուանի մը հերարձակ վրձինին տակ։ Ուլունք-ուլունք, աչքե՛րը՝ ձուկերուն։ Ու անոնց կարմրաւուն մորթերը կը թուէին ժապաւէնի կտորներ` ճառագայթներէն բռնկած ու վազող։ Ու լոյսը կ’ողողէր կաթիլները, ծիածանի շամանդաղ մը օրելով, վառելով, մարելով ջուրին վէտ ի վէտ ու կտրատ սաւանին վրայ։ Թուրքերը, այս աւազանները կրօնական նպատակներով որդեգրած, հարուստ պալատներու առաջամասին, դեռ այդ օրերուն սկսեր էին մոռնալ մշակոյթը իրենց պապերուն, իրենց փոխարէն՝ ձուկերուն ձգելով լուացումին սրբազան պարտքը։

 

Սեւ դռնապան մը, հասակէն պատկառելի, ցից ու գռուզ, արձանացաւ սպային առջեւ։ Այսպէս կ’ընդունէր անիկա ամէն երիզաւոր, որ հոմանիշ է սպայութեան։

 

Ուրկէ՞ էր բուսած, երբ ապակի պատերուն մէջէն չէր անցած ոչ մէկ սեւ կամ ճերմակ ստուեր։

 

Ցի՛ց։ Պաշտօնական դռնապանը այդ պալատին, ահագին կոճակներով դաշնաւորուած իր վերնակով [27] ։ Անիկա գաղտնիքը ունէր իշխանաւորին հանդէպ յարգալից ու ոչին առջեւ անտարբեր կամ արհամարհոտ ըլլալու, նոյն ակնարկին մէջ։ Դժուար ուսանելի գիտութիւն, Արեւելքի մէջ մանաւանդ, ուր իշխանութիւնը միսթիք է արդէն ու կը շփոթուի երջանկութեան, երկինքին հետ։

 

Կը ճանչնա՞ր քոմիթա ն, ի՛նք՝ որ գրեթէ գիշեր-ցերեկ պարտաւոր էր գամուած մնալու փեղկ-դուռերու իր ճեղքին։ Բայց նոր չէ, որ դռնապանները պիտի գիտնան աւելի, քան իրենց հսկողութեան յանձնուած յարկաբաժիններուն մեծիմաստ տէրերը։ Թրքական պալատ մը եւրոպական ափարթըման մը չէ հարկաւ։ Բայց աւելի է անկէ իր ներքին խորհուրդովը։ Ու անոր դռնապանը տարբեր է պարզ բամբասողէն։ Ե՞րբ կը գտնէր ժամանակ ցից իր հասակը ընելու բարակ ու սպրդելու ամէն ծակուծուկ, մա՛նաւանդ լրիւ ճանչնալու բանտին ականաւոր անձնաւորութիւնները, ոճիրին աւագանին, որոնց արարքները լուսապսակ կը ճարեն անոնց նիհար կամ խօթ ալ մարմիններուն։

 

Ամէն թուրք, այդ թուականներուն, կը ճանչնար քոմիթա ն, ինչպէս հիմա ամէն լրագրող տաք բան մը գրելու ատեն կը շահագործէ բառը։ Սեւ թուրքե՞րը՝  --վասնզի շատ է ասոնց ալ թիւը--    դռնապաններու, բաղնեպաններու, սպասաւորներու դժբախտ երամին մէջ։ Մեծ մասով ներքինի, այդ դասակարգը, ուրիշները ճանչնալու արուեստին մէջ վեր է դեղին ու ճերմակ թուրքերէն։ Իր կեդրոնին մէջ կռնծած, ըսել կ’ուզեմ՝ իրեն համար աշխատելու   -դուք դրէք այս տարազին տակ մեր ցանկութեանց բիւրազանակ սկաւառակները--   անկարող, վասնզի ձեռնթափ, ներքինին իր մէջ մթերուած կենսունակութիւնը պիտի գործածէ իրմէն դուրս` ընդլայնելով ակամայ, հետաքրքրութեանց ցանց մը, փոխարինելու համար ինքնիրմով ըլլալուն անկարելիութիւնը։ Ասկէ դէպի անօգտապաշտ հետաքրքրութիւնը, այսինքն՝ մեր պարզ բամբասանքը՝ քիչ է ճամբան։ Դիտեցէք ձեր շուրջը ու ժամանակ գտէք այս մարդերուն [28] ։ Ահա թէ ինչու բամբասողները եղան անգութ, վասնզի գութը անձնասիրութիւն է, ու չի կրնար փնտռուիլ անձ չունեցողներու մէջ։ Ու եղան ամենազօր, քանի որ վախը նախապայմանն է մեծութեան։ Ո՞վ՝ անցեալին մէջ, վաւերական տէրերը՝ Արեւելքին։ Եթէ ոչ՝ դռնապաններ, կանանոցի պահապաններ, որոնց մատը կը վարէր մեզի ծանօթ աշխարհը։ Սեւ թուրքե՜րը։ Որոնք մեր աղէտը, 96էն յետոյ, հազարումէկ գիշերներու հեքիաթին նման պատմեցին մանր հանըմներուն` իրենց վանդակուած ու ոսկեհուռ սենեակներէն ներս քշելով անոնց հեշտախոյզ մարմիններն ու անոնց ընկողմուն ու հեւացող հետաքրքրութեանց դէմ բացին ծալքերը մեր տրամին, այն անպատմելի մանրամասնութիւնները, որոնք իրենց խռովքը կը պարտին սեռին ու անոր առանցքին կապուած ուրիշ տխրութիւններու։ Մեծերուն, վարիչներուն մօտ մեր աղէտը եթէ մերձանկար պատրուակ մը չէր կողոպուտի եւ ջարդի, սեւ դռնապաններու բերնին՝ նիւթ էր փողոցային ախորժակներու կապկումին եւ ծաղրանկարին։

 

Սպան, կարճ խօսեցաւ անոր երեսին։

 

Յետոյ, դարձաւ ետ, կրունկներուն վրայ զինուորական շրջանումով, դէմքին բարտելով հաստ ու գեղեցիկ անասնութիւնը, որ ուժինն է տկարին վրայ ճառագայթուած։ Նորութիւն էին գերմանական ա լա Վիլհելմ պեխերը։ Ոլորած անոնց սլաքները, աչքով կը չափէր անշուշտ անոնց նիզակները եւ ակռաներովը քոմիթա ները կ’աղար «զօրութեամբ»։

 

Ու եղաւ լռութիւն։

 

Զոր դուրսէն կը խանգարէր ճնճղուկներու կցկտուր իրարանցումը, աքասիաներուն ա՛լ կիսամերկ ճիւղերուն իրար հալածող։

 

Զոր կտրտեց, չըսելու համար փոթորկեց՝ հեշտ, անակնկալ, որքան անճշդելի ձեւ մը, մեծակերտ սանդուխներն ի վար, հոսումին մէջ մնալով կոր, թռչունի ճիչերուն նման, պուտ-պուտ, ոստոստուն ու հեքիաթ։ Գծաւոր ապակիները կ’աւրէին անոր այդ թրթռագին ճարտարապետութիւնը։ Նկուղներուն գարշ մերկութիւններէն վե՜րջ, երբ մեր աչքը կրակի կտորի մը պէս կ’իյնայ այդ ձիւներու սիրտին։ Ու մլուկներէ դիակուած պատերուն յամառ դամբանումէն յետոյ, սա պատկերներուն կէս-կախարդական [29] իրականութի՜ւնը։ Որոնք մեր հոգիներուն ագուցուած զրկանքը չեն լուսաւորեր միայն, խոր այդ հակապատկերներով, այլ կը բացատրեն երբեմն, թէ ինչո՞ւ պալատէ մը ներս աղջկան մը սիրտը փուտ է այդքան վաղահաս [30] ։ Կեանքին դէմ մեր դառնութի՞ւնը, առանց պատճառի՝ այն անզգած չորութիւնը, որ զարնուած, դեղնած պտուղ մը կ’ընէ մեր սիրտը, մեր հոգիին ծառին։ Ճի՞շդ՝ ճամբա՛ն, որ նկուղէ մը կը փրթի` յանգելու համար սա ապարանքին…

 

Հատաւ քայլերուն այդ մանրիկ անձրեւը, մարմարներն ի վար։ Աղջկան մը դէմքը, որմէ հալած ըլլար մարմինը, վասնզի ապակեփեղկին հաստ մէկ շերտը զայն կը գրաւէր։ Ատկէ զատ, կարգ մը գլուխներու հրապոյրն է ատիկա, ըլլալ այնքան տպաւորիչ, որ չքանայ մարմինը։ Ու ճիշդ է ատիկա նաեւ իր հետեւանքովը։ Կան իրաններ, որոնց վրայ գլուխ մը պիտի չուզէինք։

 

Ժպտուն, պարզ՝ անիկա անցաւ սպային առջեւէն։ Դէպի ապակի դուռը, որուն մէկ քառանկիւնէն անոր պատկերը կը նմանէր հին օրերու նկարի մը, իր ոսկեզօծ շրջանակին մէջ։ Դիտեց կալանաւորները, մանր տժգունութեամբ մը, որ չէր փնտռուած, վասնզի թուրք աղջիկները առանց յուզումի ալ քիչ են գոյնէ։ Ամէն ինչ թափանցիկ էր անոր մորթին վրայ, նոյնիսկ մետաքսը։ Կան այդ աղջիկները, որոնց երեսները ջերմ ու լուսանցիկ մարմար կը թուին։ Հոգիին՝ ինչպէս արիւնին զարկը կը հեւայ այդ դալկութիւններուն ծոցին։ Տրտում, խոր, անիրական՝ անոր աչքերը պաղած մնացին։ Որո՞ւ։

 

Երբեմն նայուածք մը հազարին [31] կը նայի։

 

-- Պատշգամին աղջիկը…

 

Մտմտաց իր կարգին Սողոմը` պաղելու համար անոր աչքերուն մէջ, որոնք տարին իր նայուածքը հանդարտ յոգնութեամբ։ Իրեն հաճելի էր իր յանդգնութիւնը, ինչպէս այդ ձեւէն դէպի ինքը հոսող անպատմելի գոլը, զոր կ’որակենք շատ վերացեալ բառերով։ Սպա՞ն։ Ինքզինքը լեցուցած իր համազգեստին մէջ, փոխադրելով դէպի դէմքը շնորհները իր արիւնին, ժպիտի մը ուրուագիծին մէջ վարանոտ ու խեղճ։ Զինուորնե՞րը։ Կը թուէին մոռցած ըլլալ սպան, քոմիթա ները, մարզանքը ու կեավուր ներուն ատելութիւնը` տարուելով գլխիվայր պատկերին անակնկալէն։ Նորագիր տղաք, սեռին խուլ սլաքին տակ մշտաբորբոք, անոնք իրենց երազը այդպէս «եղնորթ» [32], իրենց բառովը՝ կազել [33] կ’ընէին։ Քիչ անգամ զայն տեսան այդքան մօտիկէն։ Ու անոնց կարգ մը զգայարանքներուն մէջ ինկաւ անուշիկ սարսուռ։

 

Սեւ դռնապա՛նը։

 

Որուն նշանացի պատասխանին վրայ, սպան հրամայեց.

 

-- Արշ…

 

Մոռցե՞ր՝ թէ շուարեր։ Յանցապարտները մարզանքի կը հանէր։

 

«Պատշգամի» աղջկան քովնտի կեցուածքին առջեւէն, կալանաւորները, միշտ զինուորներէ շղթայուած, մտան մարմար բակ։ Վեր էին բռնած իրենց շղթաները, որոնք գետին քսքսելը արգիլուած էր դեռ շղթայով սենեակէն։

 

Մոսկուայի մեծ պալատներուն սրահնե՜րը։ Ի՜նչ անօրէն բռնակալ է մեր միտքը, որ մեզի կը դարձնէ բաներ, որոնցմէ բաժնուած կը կարծէինք զմեզ։ Երբ՝ եռանդուն ուսանող, թեւը տուած կապուտաչուի աղջկան մը, կը բարձրանար նման սանդուխներէ, միտքը ալեկոծ գիրքերուն հովէն, զգայարանքները կուշտի աղջիկէն։ Ո՞վ բերաւ, անոր ուղեղին սա սխրալի [34] պատկերը…։ Անոր անդրադարձը զինքը ըրաւ հանդարտ, գրեթէ անտարբեր, Պրուսայի պէս «փուճ» գաւառական քաղաքի մը սա երկդիմի պերճանքին դիմաց։ Թուրքին «լիւքսը», ինչպէս տարազեր էր տեսարանը, տակաւին բակ չմտած։ Ու արագ սահեցան նոյն արահետով, միւսներն ալ, վայրագ մզկիթներ՝ բորբոսած գագաթներով, ու աղբիւրներ՝ իրենց լիազօր ոճովը։ Ու նոյնքան գձուձ, դժխեմ, անարեւ, խանի կմախքով բնակարաններու հանդէսէն ետքը, որոնք թուրք մշակոյթէն իր մէջ կարկառուն մնացորդներն էին (անիկա պտտած էր կայսրութիւնը արեւելքէն դէպի հարաւ, յետոյ՝ հիւսիս եւ արեւմուտք պողոտաներէն, անհաւատալի իր ոդիսականը վերջացնելու համար սա պալատին «հովանիին տակ», ինչպէս կ’ըսեն մեր գրչագիրները, երբ իրենց Ս. Աւետարանը աւարտած կը ներկայացնեն «ընդ հովանեաւ» այս ու այն սուրբին), սա տաք ու ճերմակ քաղցրութիւնները, քարէ ու մարդկային միսէ, անոր մէջ արթնցուցին հեշտ տրտմութիւն մը, վաւերական կեանքի խորիսխէն պատառ մը չէչ [35] մեղր։ Մի ըսէք ու մի ուզէք, որ մարդիկ քալեն արագ դէպի իրենց ճակատագիրը։ Ընկեր Մաթիկը երեք ժամ յետոյ ծոցն էր այդ մահուան։ Բայց անկէ առաջ բարի եղէք զայն տեսնելու, պայծառ իր սուզումին խորը։ Ան ի՜նչ մեծութիւն է այս համակերպուն ինքնազսպումը, որ զրկանքէն չի պայմանուիր հերոսներուն ու սուրբերուն մօտ։ Ափը ափին՝ Մոսկուայի համալսարանի սանդուխներէն, կապուտաչուի աղջիկին, որուն կորուկ կզակները երազ կը ծամէին ու պատառ մը յորձանք կ’ըլլային այտերուն վրայ, փոսիկէ փոսիկ։ Այո՜։ Մեր ձգելիք աշխարհը։ Շատ բան կայ հոն։ Ամէնէն առաջ՝ ափը սա կեցող աղջկան, իր կրակ ափին, աղբիւրի մը գլխուն, սօսիի մը խոռոչին յեց, հայու եւ թուրքի դասական դժոխքէն վեր ու հեռու…։ Ո՜վ մեր դժբախտութիւնը, երբ մեր ճամբու վախճանին մեր դիակը կը կրենք, բայց դեռ ողջ։ …Կովկասէն Երկիր մտած գիշե՜րը, ուր կար սա մահը նորէն, բայց ոչ՝ սա հանդէսով, երբ վասպուրականցի չորս տղոց հետ դրաւ ոտքը առաջին անգամ իր երազած հողերուն, քարքարուտ, կոշտ, պաղ ու դիակ։ Ու ասոնց երկհազարամեայ հոգիին առաջին բախումը զգաց իր ալ ներսը, պապերուն մշուշէն յառնող կրակէ թակաղ, որ լացուց զինքը, ցաւէ, հեշտանքէ։ Այսպէս ենք շինուած։ Ու վէպ գրելու համար մեղք պիտի ըլլար զոհել սա պահերը։

 

Քալեցին սակայն։

 

Ետ մնացող աղջիկը, անոր մտքին դաշտերէն, թեթեւ, շարունակեց տնտնալ։ Մինչ իր ոտքերը կը կոխէին քարերը, անոր ուղեղին տակ ընդարձակ կայսրութիւնն [36] էր, կեանքին բազմամբոխ հորձքովը, կիներէ, աղջիկներէ, իր պատանութեան, ուսանողութեան, յեղափոխական գործունէութեան (անիկա գործեր էր Կովկաս, Վասպուրական, Տարօն, Սասուն ու իրեն յատուկ պատճառներով հերձուածի ինկած ու լքած իր կուսակցութիւնը, մահ փնտռելու ու մեր ժողովուրդը ճանչնալու իր ճիգին մէջ թափառեր, ամբողջ կայսրութիւնը կտրելով անհաւատալի պայմաններու տակ ու «Ծովը անցնելէ ետք՝ առուակին մէջ խեղդուիլ» էր եկեր) կսկծալի դրուագներովը։ Գեղեցիկ ժողովուրդի մը դժխեմ ճակատագրին դէմ մարտնչելու ելլող իր հերոսական, միամիտ, տոնքիշոթ արիութեամբը…։ Մշուշ՝ այս ամէնը։ Ու ահա արեւին պէս, որ կը ծակէ այդ հոսուն ու պղտոր տրտմութիւնը (մեր կեանքը ուրիշ բան չէ յաճախ), պատկերը սա աղջկան, որ ունէր նմանութիւնը միւսներուն, ռուս ուսանողուհիներ, ընտանի հայեացքով, մարդամօտ, ողողող ու տաք, որուն էջքը իր մէջը գաղջ զգայութիւն էր այդ պահուն։ Ո՞վ կը փոխադրէր հեռաւոր հիւսիսին այդ նայուածքը իր մէջ, երբ ինք յստակ գիտակցութիւնը ունէր ուրիշ բաներու։ Անիկա երազ չէր տեսած այդ կէսօրին, բայց տեսիլքի վիճակ մը զինքը ըրեր էր իմաստուն, ու գերզգայ, վասնզի խօսեր էր այսօր տեղի ունենալիք մեծ, տրտում բանի մը մասին, պալատի մը մէջ, ուր Մոսկուայի սրահներուն ոճը պիտի տրուէր անոր գուշակել, ինչ որ իրականութիւն էր արդէն։

 

Տարիքները եղանակներն են մեր կեանքին եւ ունին իւրայատուկ ֆլորա [37], մտածեց կրկին գիտուն Մաթիկը, բայց չգիտնալով ինչուն։ Դեղձան այդ աղջկան մորթէն տակաւին ուրիշ բաներ, իրեն տարօրէն ծանօթ, ա՛յնքան՝ որ փորձեց, հակառակ ինքզինք յիմար կոչելուն, դառնալ հեղ մը ետ։ Զինուորի մը հսկայ մարմինը հորիզոն էր անոր կռնակին։ Բակը հատած։ Ծաղիկներն ու տունկեր ը դեղնաւուն շամանդաղով մը գործի ելած, որ տարօրէն կը կրկնէր դեղձան զգայութիւնը աղջկան մորթին։ Ո՞ւր, ե՞րբ տեսեր էր անիկա այդ գոյնին կապուած գիծերու սա շէնքը։ Կովկասեան ցեղերու կորաձե՞ւը։ Կը պատահի, որ մեր տղոց վրայ մենք տեսնենք գիծերը մեր ընտանիքէն ուրիշ ձեւերու։ Մեռածները ողջերուն վրայ այդ կերպ թառած, մեզի կ’այցելեն ու մենք մեր պատանութեան, մեր շատոնց հագած ձեւերուն յառնումը խռովքով կը տեսնենք այդ փայլակներուն մէջ։ Կովկասեան աղջիկներու այդ լրջախոհ գեղեցկութի՞ւնը, տակաւին կին չեղած այնքան գրաւիչ։ Ընկեր Մատթէոս Մելիքխանեանց կ’անգիտանար սա աղջիկէն իր անցեալը, մեզի բաւական ծանօթ։ Կովկասեան աղջիկներու մո՞յնքը։ Ո՜վ գիտէ։ Դիտուած է, որ մորթային զգայութիւնները զօրաւորագոյններն են հոտառականներէն ետքը։ Ու պատանիները աղջիկները իբր մորթ կը զգան՝ ոչ թէ իբր աչք։ …Ու Մաթիկին ափին մէջը եղաւ թաւիշ մորթը կապուտաչուի աղջկան, անունով ռուս, բայց Արեւելքէն, Հարաւէն, տարօրինակ Կովկասէն, ինչպէս կը հաստատէին ատիկա իր մէջ թաքուն վկայութիւններ։ Հեռու համալսարանին ընթերցատան սրահները, որոնց բակը կը սկսէր սա մարմարներով։ «Կապուտաչուի» աղջի՜կը, «իրենց կողմերէն», վրացի՞, չերքէ՞զ, լեզկի՞, թո՞ւրք։ Պիտի չհարցնենք ատիկա, կուշտ կուշտի երբ կը քալենք աղջիկներուն հետ։ Պիտի հարցնենք՝ երբ կը ճանչնա՜նք զանոնք։

 

Նրբանցք մը։

 

Բայց պալատի ոճով։ Այսինքն՝ սրահի չափ լայն։ Հանդիպակաց դուռներ, բոլորն ալ հաստ թաղիքէ վարագոյրներով, որոնք իրենք իրենց պլորուած կը մնային կախ` իջնելու սպասման մէջ տրտմօրէն տաճիկ։ Թուրք պալատներուն մէջ բան մը կայ, որ կը դաշնաւորուի անոնց կրօնքին անդրագոյն ոգիին հետ։ Լոյսի նուազութիւնը խարիսխը կը կազմէ այդ զգայութեան։ Յետոյ՝ որքան ալ աշխարհիկ՝ անոնց մէջ ոճը կը թուի ազդուած ըլլալ մզկիթներու յաճախանքէ մը։ Չորութիւն եւ գիծերու խստութիւն։ Ժուժկալութիւն եւ մերկութիւն, խիստ անհատապաշտութիւն, ասոնք կը տպաւորեն ուժգնակի Արեւմուտքի անցորդները, որոնց համար ապարանքները միշտ ներհակ զգայութեանց հետ կը մնան շաղկապուած։ Դղեակ մը, նոր օրերու պալատ մը, այդ Արեւմուտքին մէջ, հաւաքական ոճի մը, ցուցադրում ու յորդում կը նշանակեն։ Ու կը զատուին սրբազան շէնքերու արթնցուցած միւս ալ համայնականութենէն։ Արեւելքի մէջ ամէն ինչ կը բխի աղօթքէն։ Ճամիի հո՞տ, սա պատկերէն, որպէսզի Սողոմը փոխադրուէր գիւղաքաղաք, որուն մզկիթին դուռնէն, ամրան շոգերուն [38] իսկ չէր պակսեր կախուելէ այդ կաշիէ պատեանը։ Բոլոր դուռներն ալ շագանակագոյն, պէժ էն յետոյ երկրորդ ընթացիկ ներկը բանտաքաղաքին, պատերը՝ ճերմակ, շլացուցիչ ըսուելու չափ։

 

Խոր։

 

Ճակատէն այդ նրբանցքը կը յանգէր մեծակերտ դռնամասի մը, հսկայական, զոյգ փեղկերով, որոնց վրայ հին ոճով բարձրաքանդակ պտուղներու քով բանուած էին նուրբ ճաշակով սատափեայ ծաղիկներ։ Շատ հաւանաբար միջնազարդերը վերցուած էին բիւզանդական պալատի մը բախտով խնայուած մէկ հնութենէն։ Թուրքերը ունին այս անգթութիւնն ալ։ Կը կտրեն իրենց հաւնած մասը, ոսկի, արձան, տօսախ, եւայլն, ու կը զետեղեն իրենց օրերու ատաղձագործութեան մէջ։ Դար մը առաջ՝ կրօնական ըղձաւորութեամբ, հիմա՝ գերմանական հնագիտութեան հարկատու։

 

Խումբը քալեց, փակ սա դուռներուն ա՛լ իրենց քաջածանօթ խորհուրդին մէջէն։ Պաշտօնատունէ պաշտօնատուն, նրբանցքներուն ճակատագիրն է սա մռայլ թմբիրը։ Դուռները գոց են, վասնզի ներսի էֆէնտիները անտարբեր են բախտովը թուղթերուն, որոնց վրայ կը կատարուի իրենց մելանեայ աշխատանքը։

 

Կիներու պակասը   --մի մոռնաք սաւանը, որ թուրք կիներէն կը զեղչէր իրենց հիմնատարրը [39] --   այդ դուռները փակ պահող գլխաւոր ազդակն է թրքական դիւանատանց մէջ։

 

Նրբանցքին բոլոր դուռները մնացին անշարժ։

 

Մեծակերտ կառոյցին առջեւ պահա՛կը, որ անզգալաբար ինքզինքը ըրաւ քիչ մը աւելի թուրք։ Հայ բանտարկեալը ճանաչելի է տարազէն` որքան մոյնքէն։ Ծեծը, ահը, թուրք բարեխառնութիւնը տեսակ մը դալուկ կը նետեն անոր աչքերուն։

 

Անոնց ոտքին ձայնը բացաւ մեղմով մէկ փեղկը այդ դուռներուն։ Դեռ չէին հասած խորքին։

 

Անխուսափելի՝ հարցաքննիչ դատաւորը։

 

Ձեռքին թուղթը   --քառորդ դարէ ի վեր անիկա պաշտօնատունները չպտտեցաւ, առանց այդ ծրարներուն, լայնօրէն ձգուած ազատ իրենց մարմիններէն--    ծուռ իր վիզը ծռեց քիչ մը աւելի։ Ծռած էր իրանին կէսէն, ծունկի վրայ գրել ստիպուած ըլլալուն, մեծաքանակ իր տեղեկագիրները, հին օրերու հոճայի մը նման, որ ծունկին մէկը յատակին, միւսը՝ եռանկեան մը գագաթին վերածած, կը դնէ այդ գագաթին կռնակի մը ափին [40], իբր գրակալ, սեղան եւ քիթը իջեցուցած անտող թուղթին, կը տքնի գիրէն աւելի, գծագրութեան տանջանքով։ Ատկէ զատ, կան մարդեր, որ սորված են ուսով ալ տեսնել, երբ, անպատճառ, իրենց աչքերուն առածը կ’ուզեն զօրացնել վիզով ալ։ Լուրջ ու թուրք էր անիկա։ Այսինքն՝ պետական պաշտօնականութեամբ մը։ Ոչ մէկ ժողովուրդի մէջ կառավարական պաշտօնեան այնքան ինքնաբաւ, երջանիկ ու պայծառ է, որքան թուրքերուն մէջ։

 

Անոր մէկ երկդիմի նշանովը սպան   --առաջնորդը--  զատեց Սողոմը միւս երկուքէն։

 

Երկու զինուոր հրեցին տղան, բիրտ, առանց գիտնալու պատճառը, որ կ’ընէր զիրենք այդքան խիստ, սա նշանաւոր նրբանցքին ալ մէջը, ուր այնքան քիչ անգամ պատեհութիւն ունէին մտնելու։ Թուրքին մէջ բնա՞զդը՝ սա ուժգնութիւնը, կեավուր ին հանդէպ, երբ կարիք չկայ ատոր։ Զայն քշեցին մօտ դուռնէ մը, որ գոցուեցաւ։

 

Միւսները ներս՝ երկփեղկ կառոյցէն։

 

-- Սրբեցէք ոտքերնիդ։

 

Միւսթանթիգ էֆէնտի՛ն, որ փոքր մարմինէն ուժով հրամաններ կ’արձակէր, միշտ լուրջ, խիստ իր թոնովը։

 

Երկու հայերը իրենց կտոր-կտոր ոտիցները կը վախնային քսքսելէ մազանման առարկային, որ պաշտօն ունէ՜ր հիւրերուն ոտքերէն փոշին առնելու։

 

Սպա՛ն, որ վար ըրաւ իր ձեռքը ճակտէն, հրաման առնելու, քաշուելու դուրս։

 

Ընկեր Մաթիկը հաւաքեց շղթան՝ աղջկան մը պէս, որ փէշը կը հանգրիճէ։

 

Շատ ընդարձակ սրահ մըն էր։

 

Թաւիշ աթոռներ, պալատական եւ ծերակուտական, ու կլորակ կանանչ ծածկոցով մեծ սեղաններ կը գրաւէին անոր կէսէն անդին։ Դիւանական նկարագիր չունէր քոմանտան փաշային աշխատանոցը, ծանօթ՝ քաղաքին բարձր շրջանակներուն, ո՛չ միայն իր ներքին յարդարանքովը, այլ մա՛նաւանդ՝ կնոջն ու աղջիկներուն փնտռուած ճաշակովը, որոնց մատը եւ շունչը այդ թանձր սրահէն վերցուցած էին [41] պետական դիւաններու անտանելի, անճաշակ պարզութիւնը։ Հիւրերը գիտէք։ Ատոնց պակսած ատեն, միւսնե՜րը, բնախօսութեան եւ հոգեբանութեան խստամբեր մուսաները։ Կնոջն ու աղջկան ու հինգ-տասը սպասուհիներու փոյթը չէր կրնար յաղթել փաշային աշխատանքին, որ իր քմայքն ու ճաշակը պարտադրեր էր այդ սրահին արդուզարդին։ Թուղթերու, թերթերու դէզ, բոլոր սեղաններուն վրայ։ Շմինէ ին ճակտին, օսմանեան մեծադիր զինանշանը` բանուած իր աղջկանը մատներով։ Թանկագին    --որովհետեւ շատ հին--    երկու ծաղկամաններ, ըստ աւանդութեան՝ հին խալիֆաներու ապարանքներէն, շմինէ ին մարմար առէքին, մէյ-մէկ անկիւն գրաւելով։ Ջահ։ Կերոնակալ ու կլոր սեղանին վերեւ։ Աշխատանոցին ամէնէն արժէքաւոր զարդը մատենադարանն էր սակայն, որ կը գրաւէր երկկողմանի պատերը, ամբողջ երկայնքով։ Սքանչելի ընկուզենիէ այդ բազմաստիճան դարաններուն մէջ, երջանիկ, գերերջանիկ, որովհետեւ անհուպ բնակիչները անոնց, գիրքե՛րը, բոլորն ալ փառակազմ։ Փաշան Պոլիս կը ղրկէր գիրքերը, տարին մէկ անգամ, որոնք կաշիէ իրենց պատեանները հագնելէ յետոյ կու գային հոտելու ու իրենց կռնակովը ապրելու այցելուներու զարմացումին մէջ։ Մեծ մասը անոնց թուրքերէն, ինչպէս վճռեց Մաթիկին լեզուագիտութիւնը։ Անոր յիշատակներուն մէջ կային այդ գիրերը, մզկիթներու ճակտէն կամ ներքին պատերէն, երբ փոքր տղայ, Թիֆլիսի աղօթատեղիները կ’այցելէին դասարանով, պատմութեան եւ կրօնքի ուսուցիչներէն առաջնորդուած։ Գերմաներէն եւ ֆրանսերէն հատորներ ալ, որոնց անունները՝ իրենց կռնակին ոսկի փորագիր։ Գիրքերու քաղցր հո՛տ մը՝ թաւիշին ու ընկուզենիին գաղտ դաշնաւորումով։ Մաթիկը կը ճանչնար բանտերու վերատեսուչը։ Տէ՜րը այս գիրքերուն, որ կը թուէր օտար, ահագին կոյտովը իր փորին, սրահէն յառնող ընդհանուր իմաստին։ Թուրքն ու գիրքը դժուար կը հաշտուին մեր ուղեղներուն։

 

Միւսթանթիգ էֆէնտին   --խոր [42] իր ցա՜ւը՝ իր էֆէնտի տիտղոսէն, քանի որ զայն պէյութեան բարձրացնելու համար տարիներու եռանդուն աշխատանքը անցած էր ապարդիւն, հասակին կարճ, վիզին ծուռ մեղքերովը, աւելի ճիշդը՝ իր պաշտօնին մէջ ցոյց տուած ծիծաղելի ջերմութեանե բերումովը, որ զինքը կ’ընէր անճկուն ու փայտ կոտրող--    եղէգ-գրիչը ֆէսն ի վեր մխելէ ետքը, խորունկ խոնարհումով մը գրաւեց իր աթոռը՝ առանց թաւիշի։ Փաշաներուն յատակներն իսկ տիտղոսով կը ծնին ու մահկանացուներուն պայմաններէն դուրս յարգանքներով կը պատուասիրուին։ Հարցաքննիչ դատաւորը, լեզուն շատ, կ’ըսէր իր իմաստութիւնը, առանց փոխել կարենալու իր աթոռին խսիր յատակը, գոնէ բուրդէ մինտէր մը չկրնալով փրցնել պէօտճէ էն (պիւտճէ՜ն թուրքի բերնին մէջ)։ Յանցաւորներուն շատ մօտիկ՝ անիկա առաւ իր շատ հանդիսաւոր կերպարանքը։ Քունքերուն վրայ անոր ակնոցին թելերը ոլորուած էին բամպակի բարակ խաւով մը։ Շատ զգայուն անոր մորթը դժուար կը հանդուրժէր մետաղին շփումը իր այտերուն։

 

Սեղանը կը գրաւէին հինգ պաշտօնատարները, երեքը քաղաքական տարազով։ Թո՛ւրք, գոնէ գլուխներէն, վասնզի զինուորականներուն գլխանոցը նուազ չէր վայլեր [43], քան միւսներուն ֆէսը։ Ու հովէն՝ որ մեզի, հայերուս համար անըմբռնելի կը մնայ, այդքան կորակոր պարտութիւններէ ետքը, երբ մեծերը այդքան կատարեալ թուրք գիտեն ըլլալ։

 

Մաթիկը ճանչցաւ հազարապետը, ուշադիր, կիսաժպիտ՝ ինչպէս էր միշտ դիմակը այդ մարդուն, զիրենք լսելէ յետոյ քաշուելուն համար ներս։ Յեղափոխականները գիտէին յաջորդող տանջանքին եւ սա կիսաժպիտ բարութեան խորունկ աղերսը։ Անոր այդ քաղցր անփութութիւնը, գրեթէ մարդավարի մեղմութիւնը ի՜նչ վայրագութեամբ կը հերքուէին ոստիկաններուն անողոքելի խստութեամբը, որոնք ծեծին մէջ գիտէին վեր ելլել թուրքէն, բա՛ն մը՝ որ դիւրին ալ չէ միշտ։

 

Անիկա խօսքի էր քոմանտան փաշային հետ, հաւանաբար շատ շահեկան հարցի մը մասին, վասնզի հայերուն մուտքը հազիւ ակնարկով մը վրդովեց այդ երկասացութիւնը, որ մեղմ էր եւ չէր խանգարեր ժողովականներուն գոհունակ տրամադրութիւնը։ Հազարապետ փաշան իր ասպարէզը պարտական էր այս գաղտնիքին։ Քիչ հետաքրքրութիւնը, գոնէ ասոր պատրանքը թելադրելը շրջապատին, վարչական առաքինութիւն մըն է։ Ճարտարութեամբ գործադրուած՝ անիկա պիտի շփոթուի իմաստութեան, ու ասոր պտուղ՝ լրջութեան, պետական մարդու վայել արժանիքներու հետ։ Ծանր գլուխը պարապ պատկեր մը չէ։

 

Յանցաւորները, իրենց կռնակը պատին  --անոնց արգիլուած էր կռթնիլ, մաքրութեան, կեցուածքի եւ էթիքէթի ուրիշ նկատումներով, ո՛չ միայն հոս, այլեւ՝ ամէնէն պարզուկ քեաթիպին աղտոտ խոռոչին մէջն անգամ-- , լուռ սպասումով։ Տեսակ մը հպարտ համակերպութիւն, որ կը տպաւորէր պոռոտութեան պակասով մը, զանոնք կ’ընծայէր շահեկան։ Այս մարդիկը շաբաթներով ամէն օր ծեծ էին կերած։ Ու անցած ամէնէն դաժան չարչարանքներէն, բայց պահած իրենց միօրինակ տրտմութիւնը, մէկ ոճէ վստահութիւնը իրենց անձին ու ցեղին վրայ։ Ասով կը զատուէին շրջանի գեղերուն անկնիք հայութենէն, վասնզի չէին լար ու աղաչեր ու չէին վախնար։ Հազարապետ փաշան ակնարկը վերցուց։

 

Ընկեր Մաթիկը, ընկղմած գրադարանին զննութեամբը, երանաւէտ այլուրութեան մը մէջ։ Հազարապետը ծանօթ էր անոր զարգացումին, ինչպէս նաեւ յեղափոխական տիպարին սա փոփոխակին, Պոլսէն, ուր իրեն տրուած էր շփուիլ, վարժարանէն մատնուած ուսանողներու, ինչպէս նաեւ զանազան ուրիշ տիպարներու, արհեստաւոր ու բեռնակի՜ր։ Այս ժողովուրդը՝ անհասկնալի՛, իր երիտասարդներուն վրայով, երբ այնքան պարզ էր իր վաճառականներէն, բժիշկներէն, պետական պաշտօնեաներէն, մատնիչներէն եւ կղերականներէն։ Անիկա թուրք էր սակայն, այսինքն՝ հայուն մօտ ամէն բան ցեղային մշուշէ մը տեսնելու դատապարտուած։

 

Իրողութիւն էր, որ գիրքերու սա կաճառին մէջ, Մաթիկին մտքէն հալածուած էր թուրքը, այս բառին զուգորդ հազարամեակը մեր պատմութեան։ Իննսունհինգի մեծատարած սպանդը, անկէ յետոյ մեր ժողովուրդին վրայ սաւառնող մղձաւանջը, իր իսկ զգայութիւնները այդ վայրագութենէն ու շղթայով սենեակին մէջ իրենց թելադրուած, խոստացուած ճակատագիրը, որուն գուշակումին մէջ շատ ալ կծծի չէին եղած ոստիկանները, իրենց մոլուցքէն մղուած, երբ կը կեցնէին ծեծը, ենթականերուն նուաղումէն յետոյ, վրանին պաղ ջուր թափելու ատեն ափսոսալով մեծերուն խելքին ու անոնց անիմաստ հրամաններուն։ Վայրենութիւնն ալ կը յոգնի ի վերջոյ։

 

Շղթայով սենեակէն [44] սա սրա՜հը։ Այսինքն՝ երիտասա՛րդը, որ սիրէր աշխատանքը, միտքը, զարգացումը, քիչ-շատ տանելի կեանքը, արդար բաժի՛ն՝ սա աշխարհէն, իր տարիքին ու քիչ մըն ալ ամէնուն։ Այո՜։ Փոխարէ՞ն այդ գաղտ երազին։

 

-- Սա շղթան ու անկէ վեր վարագոյր, որ պիտի իջնէր։ Աս՝ կեանքը քսանէն վեր ու երեսունէն վար եղողներուն։

 

Տեղի նորոգում մը պատճառ է մեր մտքին մէջ այս փլաք ի փոփոխումներուն։ Կ’ըսեն, թէ հոգին կը բուժուի, երբեմն, լեռնէ լեռ անցքով մը։

 

-- Շէյխ Սապի՞թը։

 

Հարցը տուողն է միւսթանթիգ էֆէնտին։

 

-- Մէկ ժամ վերջը։

 

Կարծր, երկաթէն ալ, սա պատասխանը։

 

Տէ՞րը այս ձայնին։

 

-- Օսման պէյզատէ Օսման պէյ հազրէթլերի…

 

Արտակարգ նախագահ, Պոլսէն, այսինքն՝ ուղղակի սէրայը հիւմայուն էն (կայսերական պալատ) անուանուած սա արտակարգ մասնաժողովին, որ այդ պահուն նիստի մէջ կը մտնէր, ճշդելու համար տարողութիւնը քոմիթա ներով ստեղծուած սա խնդրին ։ Իր իշխանութեան նկարագիրն էր այս միջամտումը ամէն հարցէ ներս։ Օրինաւոր կառավարութիւնը ամէն րոպէ կրնար ընդունիլ կայսերական սա գաղտ հրահանգները։ Դատական իշխանութիւնները ամէնէն շատ ենթակայ էին այս ազդեցութեան։ Ա՛յնքան՝ որ քաղաքական յանցաւորները փշոտ խնդիրներ էին, որոնց լուծումը կը պատրաստէին յայտ պաշտօնեաներէն աւելի անյայտ հրամաններ։ Վեհապետին ապահովութիւնը կապուած էր այդ հարցին։ Ու անձնապահ զօրքերու գունդին քով, անձնապահ դատական կազմն ալ իրապէս, թէեւ թաքնօրէն, կը գործէր ամէն տեղ։

 

Ու արտակարգ նախագահը Սուլթանին վստահութիւնը վայելող մեծակառոյց մարդ մըն էր։

 

Ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը կուսակալութեան։

 

Մեծատարած հարստութեան մը հետեւող բնական վարկին՝ անիկա կը միացնէր գերդաստանեան ծագումնային հեղինակութիւն մըն ալ, կրօնա-նուիրապետական ակօսներէ։ Որդւոց որդի, անոր հայրերը կառավարեր էին մեծ տաղանդով ու խղճահար պարկեշտութեամբ (ո՜վ մեր բառերը, որոնք երբեմն ճիշդ ներհակը կը կերպադրեն, կ’ապրին իրենց առաջին իմաստին։ Կողոպուտը այս մարդոց լեզուով աճում կը նշանակէ, անձնական թէ հանրային գետիններէ), [45] մեծածաւալ վագըֆ ները [46], որոնք այդ կուսակալութեան մէջ այնքան ընդարձակ գետիններ ու հոյակապ կալուածներ կը ներկայացնեն։ Սուլթաններու առաջին մայրաքաղաքը վայելած է անոնց առաջին յաղթանակներուն ամբողջ փարթամութիւնը, երբ գրաւուած հողերուն եւ ինչքերուն մէկ կարեւոր մասը անոնք կը ձգէին այս ու այն մզկիթին, աս ու ան նահատակին կամ սուրբին իբր նուէր։ Որդւոց որդի՝ Օսման պէյզատէները, իրենց հասկցած ձեւով, այդ վագըֆ ները շահագործած էին, աճեցնելով բռնութեամբ, [47] կրօնական եռանդով, վարչական կողոպուտով, դարէ դար, փրկելով իրենց գերդաստանը բախտին փոփոխուն քմայքներէն, որոնք քաղաքային իշխանաւորները այնքան անկայուն կ’ընեն, վեհապետի փոփոխութեանց կամ ժողովրդային, զինուորական ընդվզումներու ատեն, սպառսպուռ անճիտելով նախանձուած փաշաները, կուսակալները եւ ուրիշ քաղաքային պաշտօնակալները։ Ու դիզած էին, անձայն ու անցոյց, անհաշիւ ոսկի, պալատներու խորը, ուր ոսկին կը մգլէր ով գիտէ քանի՜ հարիւր տարիներէ ի վեր։ Ամբողջ լեցուն նկուղներ կորսուած էին շարժէ կամ ընտանիքի պետին կասկածոտ նկարագրէն, որ իր որդիներուն կը զլանար բանալին ու գաղտնիքը այդ ստորերկրեայ գանձարաններուն։ …Անոր հայրը յաջողած էր քիչ-շատ կանոնաւորել այդ տարածուն վարչութիւնը, այսինքն՝ պետական արձանագրութիւններով, [48] հէօճէթ ով ու թէմէսիւք ով [49] օրինական սեփականացումը իրագործելով ստուարաթիւ կալուածներու, երբ գատաստրոյ ի դրութիւնը սկսաւ գործադրուիլ թուրք հողերուն եւ շէնքերուն վրայ։ Տղան, արտակարգ այս նախագահը, այս հասոյթները, ինչպէս նաեւ պապենական տարազը շահագործելու մէջ դրաւ բացառիկ ճարտարութիւն։ Հին ըմբռնումով թուրք մնալու իր յամառութեան մէջ՝ անիկա ձեւն էր գտած զատուելու թէքքէ կամ մզկիթ հոտող միւսլիւմանութենէն, որ տասնիններորդ դարուն, ենիչէրիներու պատուհասումով կորսնցուց իր հմայքը։ Մզկիթ շինե՜լ։ Այո՜։ Բայց անոր մէջ աղօթելու չյատկացնել իր ժամանակը։ Այլ գործել, այսինքն՝ նորոգել թրքութիւնը։ Այլ՝ երկրին ուժը սպառող ցեղերուն վրայ տարածել ուշադրութիւն եւ դիւանագէտ տնտեսութիւն։ Այսինքն՝ մօտենալ կեավուր ին, անոր շահը նոր ժամանակներու օրէնքով իւրացնելու գիտութեամբ։ Նորոգել թրքութիւնը, այս անգամ նաեւ ուղեղը։ Այս քանի մը տարրական գաղափարները զինքը ըրին իր ժամանակին հետ, որուն նկարագիրը տուին սպաները եւ պաշտօնեաները, քիչ-շատ յառաջադէմ ձգտումներով, գէթ արտաքին ակնարկով։ Սուլթան Համիտին նորութիւնը եղաւ իր նախորդներով վարկաբեկ կրօնաւորութիւնը վերահաստատել իր ազդեցութեան մէջ։ Օսման պէյզատէ Օսման պէյը խելք ունէր հասկնալու պատգամը։ Անիկա պիտի չհրաժարէր իր պապերուն փաթթոցէն, բայց պիտի զեղչէր անիկա հաստ պարոյրը, աւելորդ գօտին, վերածելով բարակ ու ճերմակ երիզի մը, ֆէսին շուրջը, որ ազգային գդակ էր ա՛լ [50], ու ճիւպ[պ]էն երկարելով մինչեւ կրունկները։ Այս կարգադրութեամբ կը կոկուէր այլանդակ փորը, իր ցցունքին մէջ սեւով սքողուն, ու զատելով անոր պատկառելի անձը միւսներուն ցաւագար երամէն, հին՝ որքան անոճ իր զգեստին ու խելքին ալ մէջը։ Մոլեռանդութիւնը ապարժէք բառ է, երբ կը կանչուի որակելու համար այս մտայնութիւնը, այն ատեն սկիզբ, հիմա իր լրումին մէջ։ Ա՛լ անիմաստ այդ բացատրութիւնը, զոր միսիոնարներն անգամ մոռցած կը թուին, արտակարգ նախագահը կը մերժէր կատաղութեամբ, իր անձին վրայ հաշտեցնելով ազատամտութիւն եւ պահպանողականութիւն, ճիշդ ինչպէս կ’ընեն հիմա թուրք օրաթերթերը յեղափոխութիւնն ու ջարդարարութիւնը զետեղելով նոյն լուսապսակին մէջ, ռուսերը խաբելով իբր ազատութեան համար կռուի պատրաստ, իրենք զիրենք՝ հազիւ զսպելով ափ մը քրիստոնեան ալ ջնջելու իրենց հաստատ վճիռին գործադրութենէն։ Արտակարգ նախագահը մարդ ըլլալէ աւելի՝ հոգեբանութիւն է այդ ժողովուրդին մէջ։ Անիկա, ամէն թուրքի պէս, ունէր արտայայտումի կարճ ու բուռն եղանակ, քաղաքական հաստատ հաշիւներ, զօրաւոր զգացումներ, ախորժակներ, ու ասոնք ծածկելու, ոճաւորելու թանձր նենգութիւն։ Պրուսան միայն պատմութեան, աւերակի, բորբոսի ու մզկիթի քաղաք չէր [51], ուր դամբարաններ ու արաբատիպ բաղնիքներ գմբէթ գմբէթի կապեն, հիացիկ ակնարկներու առջեւ։ Անիկա թերեւս առաջին ճարտարարուեստական քաղաքն էր կայսրութեան։ Իմ ատենիս մետաքսի մանարաններուն թիւը վաթսունը կ’անցնէր, գրեթէ ամբողջութեամբ քրիստոնեայ վարչութեամբ։ Ու անոր նորակառոյց թաղերուն մէջ եւրոպական յատակագիծը ճաշակ կը մատնէր։ Ոչ-թուրք տարրին տնտեսապէս բարգաւաճ պատկերը միանալով սա քանի մը ցուցմունքներուն, ստեղծած էր [52] շատ կանուխէն այժմեան այլամերժ ու ազգայնական ատելութիւնը, թիփերու եւ մտայնութիւններու ճոխ բազմազանութեամբ մը։ Ամբոխին մատչելի, շառաչուն ու ցայտուն արարքներ էֆգաֆ ի ընդհանուր տնօրէնը կ’ընէին ականաւոր, չիսլամները այդքան գիտապէս ու կատարեալ ատելու ուժգնութեամբ մը։ Ասիկա կապ չունէր Հայկական Հարցով ներարկուած միւս ժահրին հետ, որ հասարակ շահագործում մըն էր, այլ՝ բացառիկ մտածելակերպ մը։ Այդ ոգիին բռնութեամբն էր, որ անոր տղաքը չարտօնուեցան նոյնիսկ երկրորդական ուսման (որմէ գոհ ալ չէր իր հաւատքը անաղարտ պահող դասական իւլէման [53] ) ու կիսաւարտ նետուեցան դուրս վարժարաններէն, անասելի ապականութեան հեղեղ մը ընդքարշելով իրենց հետքերէն, լողալով մեղքին ու այպին մէջ ու իրենց հօրը փառքով շքաւորելով այդ գարշանքները։ Աւելի վերջը, անոնք կը կատարէին իրենց զինուորական ծառայութիւնը, խիստ պայմաններու եւ դասական [54] ծեծին ենթակայ, հաստնալու համար մարմինէն՝ ինչպէս հոգիէն։ Քաղաքային մեղքերու մէջ անոնց հասնող այդ հարկը [55] անողոք էր անոնց զառածումներուն, զինուորական կեանքին մէջ ու իր ներկայութեան կը հրամայէր պատիժը։ Այսպէս յարդարուած, մարձուած ու շրջանաւարտ՝ անոնք կը ձգուէին իրենց բնազդներուն անվրէպ վայրագութեան, խմելով ու վատնելով անհաշիւ դրամ ու մարսելով անասելի ամօթանք, բայց օրական առնուազն զոյգ մը նամազով փրկելով առքը՝ ինչպէս վարկը։

 

Անոնք ազատօրէն կը ծեծէին ով որ իրենց հաճոյ թուէր։ Կը վիրաւորէին, առանց խորհելու։ Կրնային սպաննել, բայց դրամին օգնութեամբը ու վեհապետին բարեւովը բանտ «այցելել իսկ չզիջանելով», ինչպէս պատասխանած էր անոնցմէ մէկը ոստիկանապետին փաղաքուշ հրաւէրին, պոռնիկ մը, փորձի թէ գրաւի համար, պորտէն կռնակը դաշոյնով ծակելէն ետքը։ Իրարու հասնող այդ վեց տղաքը կազմեցին հրոսախումբ մը, որ միւսներուն նման գաղտնի գործելու, լեռ բնակելու տեղ կ’ապրէին սեփական պալատներու մէջ, քառաձի կառքերով, չորս-չորս սէիս ով անմատոյց ոստիկաններու, իրենց զեխութեանց ընկեր ունենալով բոլոր կարեւոր պաշտօնակալները։ Ասոնց գործունէութիւնը ուղղուած մնաց թուրք կիներու «ծաղկանոցին», զգուշանալով քրիստոնեաներէն, յարգելու համար վեհապետին թաքուն ցանկութիւնները։ «Ամէն բան իր ատենին»։ Քաղաքը բնակուած էր եւրոպացիներէ ու Ջերմուկներուն համբաւը անցած Պոլիսէն։ Օսման պէյին տղաքը ասպարէզ մըն են այդ հողին վրայ, կարելի՝ Համիտին տաղանդովը։ Վեհապետին անձնական, «խաս» բարեկամն էր անիկա։ Որ այս թիփէ արարածները հնարած, զարգացուցած ատեն կը հպատակէր թերեւս գաղտնախորհուրդ գիտութեան մը։ Անոր աւագանի՞ն։ Այսինքն՝ անոնք, զորս գտած էր շինուած ուրիշներէ։ Անիկա զանոնք խամաճիկներու վերածելու համար չունեցաւ դժուարութիւն։ Մատնութիւն ու աքսոր։ Իհսան [56] ու պատուանշան աշխատեցան անոր շուքին «աստուածային» (խալիֆային սիրական մէկ վերադիրն է ատիկա) բարութեան ներքեւ։ Գիտենք ճակատագիրը զինքը գահ բերող փաշաներուն։ Օրինակը տպաւորիչ էր։ Ու ստեղծեց իր պէնտէ ները, ամէն նահանգի մէջ, այս գիծով մարդերէ, որոնք իր աչքը կը դառնային կառավարական մարմինին վրայ` ազդելով կուսակալներուն վարչութեան անգամ։ Ժուռնալճի ներ չէին ասոնք, ընդհանրապէս ցաւագար խմորէ, անօթի ու նուաստ, այլ՝ մեծ հայթայթիչներ, որոնց պաշտօնն էր կայսերական անձնապահ գունդին համար հաւատարիմ զինուորներ [57] տալ ու կանանոցին համար ալ շքեղ աղջիկներ։ Օսման պէյզատէ Օսման պէյը ունէր փնտռուած այս առաքինութիւնները։ Աւելի՝ աշխարհ մըն ալ մարդ իրեն ետեւէն։ Հայրենասէր, ինչպէս չեն գիտեր ըլլալ հերոս փաշաներն անգամ, որոնք յաճախ պարտուելու մեղք կը գործեն` քաւելով իրենց զինուորներուն եւ վեհապետին անփութութիւնը։ Յունօ-թուրք (1897) պատերազմին, իր ծախքովը զգեստաւորելէ եւ պարէնաւորելէ ետքը իր քաղաքին զօրագունդերը, չէր ընկրկած տարիքէն ու նուիրական դրօշ մը ուսին, խօսքով, առանց տեղէն շարժելու, թռեր էր Յունաստան, մինչեւ Աթինա, յունական հողը փոշի ընելու անհուն ըղձանքով։ Հերո՞ս։ Անշո՛ւշտ։ Ո՛չ միայն իր բախտէն՝ քանի որ յոյները փախած էին, առանց կռուելու, այլեւ՝ իր իսկ ցեղին ձայնովը։ Քիչ ժողովուրդ այդքան անխառն կրակով կը նետուի կռուի։ Յաղթական զինուորներուն գլուխը, որոնք դիմաւորած էր նաւահանգիստէն, անոր դարձը դէպի քաղաք պատմական օր է։ Չեմ ծանրանար իմ տեսածներուս։ Գիտեմ միայն, թէ այդ թափօրը, տասը հազար դրօշով, որոնց մէջ Օսման պէյինը մութ կարմիր մեծ-մեծ արատներ ունէր, չ’ելլեր իմ մտքէն, այդ մարդուն անպատմելի անասնութեամբը, ակռաները խածած, երբ կը քշէր ձին գետնատարած մայրերու արցունքին մէջէն, Պոլիսը գրաւող յաղթականէն աւելի վեհափառ։ Դիւցազնական այս արարքները անշուշտ մինակնին չեն բաւեր, որպէսզի մարդեր սուլթաններ ունենան իրենց բարեկամ։ Անիկա այս առաքինութեանց կցած էր քիչ մը տրտում, բայց ամբողջ ազգին այլապէս սիրելի միւս գիտութիւնը։ Ով որ քրիստոնեան կը կեղեքէ, անիկա հարազատ զաւակն է թուրք հայրենիքին։ Ասիկա ասութիւն չէ, այլ՝ քաղաքական պատգամ, զոր թուրքերը ստիպուեցան հնարել, իրենց պարտութիւններուն իբր դեղթափ։ Այնպէս որ, բնական բերումով մը, Օսման պէյզատէ Օսման պէյը շարժիչ ուժը եղաւ Համիտէն հնարուած այն մասնաժողովներուն, որոնք 96էն ետքը, հայերու հանգամանքները կը ստուգէին` Պոլիս մուտքի արտօնութիւնը պատրուակ առնելով։ Մտեր էր այդ հնարմունքին մէջ, անձնական խաս բարեկամութեանը սիրոյն իր փատիշահին։ Ու նման ասոր կը պահէր ամուր, մէկ իր անձին վրայ, զոյգ իմաստները կրօնքին եւ հայրենիքին միադրուագ խորհուրդին։ Այդ քաղաքին մէջ անիկա սիւնն էր թրքութեան, իր ձեռքն ունենալով սոֆթա ներուն [58], մոլլա ներուն, էվլիա ներուն [59] բազմազանակ նուիրապետութիւնները։ Հովանաւորն էր բոլոր թէքքէ ներուն, պաշտպանը բոլոր մզկիթներուն, որոնց շինուածական, նորոգողական վարչութիւնը քանի մը դարէ [60] ի վեր մենաշնորհ եղաւ իր պապերուն, այսինքն՝ մեր լեզուով՝ աղբի՛ւրը իր ներկայ ապահովուած հարստութեան։ Նոյն ատեն անուղղակի եղանա՜կ՝ կաշառք տալու կամ առնելու Մուհամմէտին մեծ հովանիէն զրահուած, այդ մզկիթներուն ծառայ կրօնաւորները գործածելով ընդարձակ, թշուառական զեղծումներու։ Ժողովրդականութիւնը յաճախ գինն է այս կարգի չարաշահութիւններու, երբ ուրիշներու դրամովը մեզի բարեկամ կը վարձենք կամ ուրիշները կը գովենք բառով, մելանով, ինչ որ համարժէք կու գայ առաջին [61] ձեւին։ Իր ետին ունէր ան, այս ճամբով ստացուած տասը հազարի մօտ ծառաներ, այն օրերու բառով՝ նիյմէթտիտէ ներ (երախտաւորեալ) բոլորն ալ ճիւպ[պ]է եւ փաթթոց։ Կ’արժէ ծանրանալ անոր մօրուքին, ուր հին օրերու շէյխի մը դաժան բարկութիւնը ոճաւոր նորութեան մը հետ գիտէր հաշտուիլ, երկարելու տեղ կորանալով, խռուելու տեղ իրարու հանգուցուելով, մշտական անդաճմունքի պահերուն, անոր մատներէն այդպէս կաղապարուելով։ Հսկայական էր մարմինը` հալեցնելու չափ փորին ուռեցքը ընդհանուր համաչափութեան մը մէջ։ Մարդերուն արտաքինը, վէպը կ’օգտագործէ որոշ նպատակներու համար։ Ըսի այսքանը, վասնզի տեսեր եմ զինքը հոյակապ ամբոխավարութեանը [62] մէջ, թանկ դրօշներու ձողերը առած, [63] Մեքքէի եւ Շամի Շէրիֆի մետաքսէն ապարօշներ քարշ եկած մէջքին զոյգ թափերէն: [64] Կը քալէր պայծառ, քրտնողող, վսեմ լրբութեամբը անասունին, թափօրներու առջեւէն մարմնաւորելով ահն ու փառքը իսլամին, որ այդ քաղաքին մէջ կը պահէր արաբական սկզբնածագ պատկառանքը։ Կարծես Գանունի Սիւլէյմանի ի օրերէն ասդին բան չըլլար փոխուած այդ նահանգին մէջ։ Զարհուրելի առաքեալ տինը Մուհամմէտին (Մուհամմէտին հաւատքը), արդարացնելով՝ եօթնաստեղ կարանով իր ծիրանեփայլ վերարկուն, զոր աւանդութիւն մը մինչեւ Օսման Առաջին թագաւորը կը հեռացնէր։ Գիրքի կամ վէպի հերոս չէ ասիկա։ Իմ տղայութեանս անոնք տասը չէ, քսան չէ, հարիւր էին, հինգ հարիւր էին, կրնամ ըսել՝ հազար, Գահակալութեան կամ Ծննդեան տարեդարձներուն, երբ չորսական գիծով կը գրաւէին Պրուսայի միջնամասը, [65] Ուլու ճամիէն մինչեւ թաղապետութիւն, բոլոր անցքերը միակտուր սեւ արձաններու հեղեղով մը ողողելով, արձաններ, գլուխնին կարմիր, զոր ճերմակ երիզը կ’օղակէր։ Տարազը կու գար Օսման պէյէն։ Նոր կարգերը արհամարհելու իր ոճին մէջ անիկա կը զատուէր հին-գլուխ շէյխերէն, գիտական ու արդիական հայրենասիրութեան վարկածով մը, որ երկրին վարչութեան մէջ լայն մուտք տուաւ կրօնական տարրին։ Սուլթան Համիտի բռնակալութեան մեծ ազդակներէն մէկը շահագործումն է այդ դասակարգին, որ մա՛նաւանդ Պոլսոյ մէջ չէզոքացուեցաւ երկրին վարչութենէն, կանխող ռէժիմին Արեւմուտք հակած մտայնութեան պատճառով։ Եւրոպա կրթուած մեծ վէզիրնե՛րը։ Որոնք երկրին քմահաճ արդարութիւնը տարազել ջանացին եւրոպական օրէնքներու զրահանքին մէջ։ …Օսման պէյզատէ Օսման պէյը շահ ունէր մոռնալու, ու մոռցաւ ալ նախատինքը, որով զարնուած էր իր գերդաստանը, մեծ-հօրը վրայով, զոր կախեր էին այդ վէզիրները, այսինքն՝ անոնց օրէնքները, իր իսկ քրտինքո՜վը կառուցուած գեղեցիկ մզկիթի մը մեծադիր հրապարակին։ Սուլթան Համիտով անիկա հաշտուեցաւ արքայական գերդաստանին։ Տէր ու տիրական՝ քաղաքին ամբողջ ոճրաստանին, ուր կը թագաւորէին իր տղաքը, շուայտ, վեհափառ անբարոյութեամբ մը պատուելով իր բարեգործութիւնները` ստեղծելով աներեւակայելի գռեհկութիւն, բայց պատրաստ պահելով իրեն կոչին ամէնէն անարգ տարրերը ոճիրին, աղտոտ, հիւանդ, քանի մը հեղ մարդասպան, որոնք բարեւի մը փոխարէն կը յօժարին մորթել ուզուած աղջիկը կամ աւագ փաշան։ Ասոնք բարքերու մաս կը կազմէին այդ երկրին մէջ։ Ու տակաւին քիչ չափով փոխուած են։ Թուրքիան ան երկիրն է, ուր մերկասրուն յիմար մը մինչեւ եպարքոսութիւն ճամբայ կը կտրէ։ Հարցուցէք դուք ձեզի. անուննե՞րը Թուրքիոյ մօտիկ տէրերուն։ Ու պիտի քիչ գտնէք այս տողերը։ Օսման պէյերը՝ տէր ու տիրական, քաղաքային վարչութեան, օրինաւոր կառավարութեան ալ մէջ, ուր կուսակալները ենթարկուած էին իր խնամարկութեան, սէրայը հիւմայուն ին գաղտ կարգադրութեամբը։ Հարիւրով էջի պէտք կայ սպառելու [66] համար ցուցադրումը անոր խաւարակուռ տաղանդին։ …Այս ահաւոր, խստապարանոց ենիչէրիներու յապաղած գոռելը, զոր Համիտը կը շնորհաւորէր պայրամներուն եւ տարեդարձներուն, բացառիկ հեռագրով, պատասխանելու համար անոր թելէկրաֆ ներուն, ընդարձակ յօդուածներ խմբագրուած այն օրերու ահաւոր ոճով, փառաբանական ու խուդպէ ական [67] ։ Որ, Ջարդերէն ետքը, հայոց թաղերէն կ’անցնէր քալելով, շատ դանդաղ, աչքը պատուհաններուն, ծուէն-ծուէն իր աչքէն արտածորելու համար թոյնը իր թրքութեան, ետին ձգած ուրիշ խումբ մը, իրմէն խորանարդ առաւել վայրագութեամբ, որոնց գլխաւորը եղեռնահամբաւ շէյխ մըն էր, Անատոլուի ներսերէն, նոր հասած Պրուսա, կեավուր ջարդելու իր առաքելութիւնը բարձրաղաղակ բարբառելով։ Անունը՝ շէյխ Սապիթ։ Դեռ սա տողերը գրած պահուս, աչքիս առջեւն է անոր դէմքը, կանանչ սարսա՛փ, երբ կը կենար մեզ դիտելու, դպրոցէն արձակուրդին, ակռաները կճրտելով, սիրտին եղերէն հալելով՝ մեզ հում-հում բզկտել եւ ուտել չկրնալուն, մեր ոտքերուն կոխած հողը մեզի հարամ յայտարարելով…։ Մենք կը տեսնենք քիչ վերջ այս մարդը աւելի առատ։ Էֆգաֆ ին [68] ամենազօր տնօրէնը, այս ամէնէն դուրս, կը ծառայէր իր հայրենիքին` քաջալերելով բոլոր գեղաձայն միւէզզին ները [69], այս իր մենագարութեան մէջ հերքելու չափ իր հեքիաթը, ներելով իր ոտքերուն առաջանալ մինչեւ քրիստոնեայ եկեղեցիները` անոնց արարողութեան թախծոտ հրապոյրը խորապէս գնահատելով։ Ըսի, թէ իր հովանաւորեալներն էին դարձող տէրվիշները, որոնց պաշտամունքին, այսինքն՝ որդնահար ու գեղաոլոր մեղեդիներուն համը զինքը կը յուզէր լացնելու չափ։ Այս գիծով անիկա մտերիմ բարեկամ Գերմանիա ըրած, այսինքն՝ քիչ մը կեավուր ցած քոմանտան փաշային։ Այս բարեկամութիւնն էր, որ հանդուրժելի կ’ընէր իր աչքին անոր կինն ու աղջիկները, առանց ծածկոյթի երեւնալուն հսկայ սրբապղծութիւնն անգամ։ Այս գիծով՝ անիկա կը հանդուրժէր հայոց առաջնորդ վարդապետը, որուն եղանակները համակ Արեւելք էին։ Կա՞յ այս ամէնուն տակ նաեւ դիւանագիտութիւնը իր վեհապետին, զոր մեր ատելութեան մէջ ուրացանք ատենին ` զայն ներկելով ածականներով, ու մոռնալով նոյն եռանդին մէջ մեր խեղճութիւնը…

 

-- Մելիք օղլու Մա…տէո՜ւս։

 

Հարցաքննիչ էֆէնտին խոր հեշտանքով մը կ’արտաբերէր այս նախատալից բառը, երբ խաթարուած անուանումը կ’ընէր ի ներկայութեան դիւանի արարածներուն, տխուր ու անասնաբարոյ ոստիկաններուն, ինչպէս եւ պատուանշանով պսակաւոր փաշաներու երեսին, ձայնը շարունակելով թեթեւ քմծիծաղի մը ձեւով։ Ըսի, թէ ամէն թուրք, գռեհկութեան բաւիղներէն, կը դառնայ դիւրաւ իր ստորնացող բնազդներուն։ Չկայ թուրք մը, որ ամչնայ բառերուն ամօթէն։ Հայհոյութիւնը, ու անոր մէկ [70] մասնակի երանգը, անոնց բարքերուն մաս չի կազմեր միայն։ Այլեւ պահանջ մըն է, ազգային եւ աննահանջ։ Անոնք պզտիկներու ներկայութեան չեն վարանիր արտասանել բառեր, որոնց լրբութիւնը տարիքով չէ, որ չափեցին։ Տէուս [71] բառով պայմանաւոր հեգնութիւնը։ Զոր մարսեցին Գերմանիա ըրած երկու աւագ պաշտօնատարները։ Որ զովացուց մեծախռով փորը էֆգաֆ ի պղտոր ու վատահամբաւ տնօրէնին։

 

Բայց ամէն անգամուան պէս, Մատթէոս Մելիքխանեանցը, փաղաքուշօրէն՝ մեր ընկեր Մաթիկը, հանեց իր մէջէն «ճաթեցնող» իր լռութիւնը, որուն համբաւը կու գար գիւղաքաղաքէն։ Բանտը ամբողջ կը խօսէր փոքրաքանակ հայուն այս մեծականգուն, որքան անըմբռնելի յամառութեան վրայ։ Ո՞ւր կը դնէր հարուածները, փայտն ու երկաթը, որոնք կ’աշխատէին իր վրայ։ Ո՛չ հայհոյանքը, ո՛չ մեղմ կեղծիքը կամ խոստումները ունեցեր էին ուժ անոր բերնէն կղպանքը քակելու։ Ու կ’ուտէր ծեծը։ Ու քանի՛ ուտէր, ա՛յնքան կը պզտիկնար իր բերանը, ճիչէ անգամ զգուշաւոր։

 

Իբր թէ բոլորովին ուրիշ մէկու մը ըլլար ուղղուած միւսթանթիգ էֆէնտիին այդ բացագանչական հրաւէրը, որով դատարաններու դուռէն մունետիկը, ներս կանչելու ատեն, մարդերը ձայնի կը վերածէ՝ անիկա, սրբազան այլուրութեամբ մը կը շարունակէր դիտել մատենադարանը։ Դէմք ու կեցուածք խորապէս զայրացուցիչ էին, բխող՝ անոր ճճի հասակէն։ Ժողովականները –-դատելը՝ ձանձրանալուն վճարուած ձեւն է թուրքերուն ու թերեւս բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, կեղծծամի շարլաթանութեան նախավայելքէ [72] մը ետք–- միւսթանթիգ ին այդ կանչով իջան իրենց վարժութիւններուն։ Ամէն դատաւոր անիրաւ է ու անխելք, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ։ Թուրք դատաւորը՝ անհաւասարելի։ Երբ՝ հոս ներկայացուածին նման, կանխապատրաստ վճիռ ունի, լսելէն առաջ, զոհերուն մասին։

 

Ձայնէն յետոյ, սպասում։ Այսինքն՝ քարտուղարէն ընթերցում։ Այսինքն՝ յօրանջումին առաջին աքցանները։ Ամէն ժողովական այդ պահերը կ’օգտագործէ, կարելի եղածին չափ քիչ ձանձրանալու։ Առաջին պայման, հեռացումն է, բացարձակ սակայն, քարտուղարին կարդացածէն, հարցաքննութեան գնացքէն, վկաներէն, երդումէն ու բոլոր քլիշէ արարմունքներէն, որոնք դատական կատակերգութիւնը կը հանդերձեն ամէն երկրի մէջ։ Յետոյ՝ քո՜ւնը, բայց պատշաճ ծպտումով, մատները տեղաւորած աչքերուն գիծին, ցուցամատը դէպի ճակատը լարած, մտածում թելադրող պատրանքի մը համար։ Յետոյ՝ միտքը ձգել անյայտ, ապուշ բաներու ետեւէն։ Կամ կարդալ կեղծել` հաշուելով կաշառքը, անոր գործածութիւնը, հաճոյքները, որոնք կապուած են այդ պատահարին, վրէժը, ու տակաւին հարիւրով փոքրութիւնները։

 

--   Հի՜շտ, քեզի կ’ըսեմ։

 

Գիտէք եռանդը հարցաքննիչ դատաւորին։ Քիչ անգամ պաշտօնի մը ծիծաղելիութիւնը այդքան յոխորտութեամբ կը զգեստաւորուի։ Ամէն դատաւոր այդ անկիւնէն կը նայի աշխարհին ու շնացող այրերը դատապարտելու ատեն խաբուած ամուսինի իր վրէժը կը լուծէ հազար օտարէն, անյագ ատելութեամբ։ Դրէք այս դասակարգին մէջ տակաւին թրքութիւնը, այսինքն՝ ամէն գնով իրաւունքին տիրապետումը։ Դրէք տակաւին բացառիկ ալ պայմաններ, հոս դրուածին [73] նման քոմիթա յի հսկայ հանգոյց մը։

 

Գիտէք նաեւ Պոլիսէն ժամանած հազարապետ փաշան, երիտասարդ, համեստ, դիւրամատոյց, պալատին մէջ ուժով կապերով։ Որ կրնայ ձեր եռանդը նշմարել, գնահատել ձեր կարողութիւնները, առնուազն քսանհինգ տարուան միապաղաղ ու անձնուէր աշխատանքը ` դրուած ի սպաս մարդոց բարօրութեան, ոճիրին պատուհասումին։

 

Ու տեսէք իր աթոռին վրայ անոր եփիլը, անհամբեր կուլ տալը իր բարկութիւնը, յօնքն ու քիթը զայրոյթի հանելը։

 

Մաթիկը նայեցաւ ձայնին։ Յետոյ, հանդարտ, իբր թէ ոչինչ ըլլար լսած, շրջեց իր նայուածքին գիծը, նախորդ սեւեռումին, կաշեպատ մեծ բառարաններու սերի ի մը։

 

-- Հիշտ։

 

Միւսթանթիգ էֆէնտին ոտք էր նետուած։ Դող ու տաքութիւն։ Անոր դէմքէն կրակ կը ցայտէր.

 

-- Աս ի՜նչ լրբութիւն է։

 

Ու անոր ձայնին մէջ կար խորունկ այն եռքը, զոր ուժը զսպելու դժուարութիւնը կը ստեղծէ տկարին անհասկնալի ամրութեան առջեւ։ Ուրիշներուն լռութիւնը արհամարհանք կ’ընդունինք ` առանց խորհելու ինչո՛ւն։

 

-- Հանդարտ, միւսթանթիգ էֆէնտի…

 

Հազարապետ փաշան էր, աչքերը թուղթէ մը վերցնելով։ Կամացուկ ու քաղցր։ Այդ ձայնը հաշտ էր անոր դէմքին, որմէ տիրական տպաւորութիւն էր այդ մեղմութիւնը։

 

-- Փաշա հազրէթլերի…

 

-- Միշտ հանդարտ, միւսթանթիգ էֆէնտի։

 

-- Դուք ծառայականէս շատ լաւ կը ճանչնաք այդ գազանները, անասունները, հայվանները։

 

-- Միշտ հանդարտ։

 

Ճիւպ[պ]էով նախագահը ե՞րբ ելած էր ոտքի։ Հսկայ անոր մարմինը կը դողար, ինչպէս կը գուշակուէր ատիկա փորձով՝ քիչիկ մը լարուած վերարկուին ծփանքէն սրունքներէն վար։ Զայրագնա՛ծ։ Ե՜րբ չէր այդ բանը անիկա, հայու շունչին մէջ։ Անոր այս խռովքը ծանօթ էր իր շրջանակին։ Հազարապետ փաշան կը զարմանար այս դիւրին գրգռումէն։ Յայտնի էր, որ այս քաղաքին մէջ դեռ բարքերը կը պահէին նախնական խստութիւնը, անդարձ կորսուած՝ մայրաքաղաքին մէջ։

 

-- Նախագահ պէյ…

 

Դուռը բացուեցաւ ու ոստիկան մը թուղթ մը երկարեց միւսթանթիգ ին, որ, հասցէն աչքէ անցընելով՝ մօտեցաւ երկիւղած, նախագահին։

 

Նախագահը դողահար մատներով փրցուց պահարանը, կարդաց քիթովը, այնքան անոր ռունգերը կը բացուէին լայն` կշռոյթ մը կազմելով ընթերցումին հետ։ Հանեց մէջքէն մեծակերտ կնիքը ու, շունչով խոնաւցնելով անոր փոքրիկ սկաւառակը՝ փակցուց էջին յատակին։ Այս արարողութիւնը չմեղմացուց անոր յուզումը, վասնզի մեծ թափառող, միշտ ոտքի վրայ, միշտ բաց օդին   --անոր օրերը կ’անցնէին մէկ գեղէն միւսը, մէկ մզկիթէն միւսը, քալելով, մարսելու համար ահագին մթերքը միսին, զոր կը նետէր իր տակառի պէս լարուած ստամոքսին--, անիկա կը նեղուէր գիրքերու հոտէն, անոնց հանդէպ բացառիկ զգայնոտութեամբ մը. ու այսպէս գոց [74] ՝ սրահներուն ծանր ու խառնակ մթնոլորտէն։ Ելած էր ոտքի այդ անհանգիստ տրամադրութեամբ։ Բիրտ, վայրագ, անկարող դոյզն ընդդիմութիւն հանդուրժելու՝ անիկա, բան մը ընելու համար, յառաջացաւ դէպի Մաթիկը։ Փակ ատեաններու մէջ, որպիսին էր աս, թուրքերը տնավարի են եւ ամբողջ։ Այսինքն՝ իրար կը ծեծեն, կը վիրաւորեն, կը սպաննեն նոյնիսկ հանդիպած զէնքով։

 

-- Ուլան քէլպ օղլու քէլպ [75] ։

 

Ու անոր թաթը հնչեց, մեծաշառաչ ու արձագանգող, ա՛յնքան՝ որ ապակիները դողացին դարաններէն։

 

Հանդարտ, Մաթիկը չափեց մարդը ու աւելցուց.

 

-- Ասիկա գիտենք։ Նո՞րը։

 

Բայց անոր աջ կզակը բառերը ծուռ հանեց, վասնզի հարուածին ազդեցութիւնը կ’այրէր անոր երեսին այդ կողմը։

 

Երկրորդ թաթ մը, այս անգամ գլխուն, զայն տապալեց գետին։ Մաթիկը չէր նուաղած։

 

-- Կատուի հոգի է անոնցը, պէյ էֆէնտի, - շշնջաց, լսելի ու կատղած, ինքզինքը ուտող միւսթանթիգ ը։

 

Ժողովականներէն ոչ ոք շարժեցաւ տեղէն։

 

Մաթիկին ընկերը ծռեցաւ ինկողին վրայ ` առանց հաշուելու հետեւանքը իր արարքին։ Անոր կռնակին հասցուած նոյնքան հսկայ աքացի մը զայն դիզեց Մաթիկին վրայ։ Ու շղթաներու կապին մէջ երկու հայերը մնացին անշարժ։ Տարօրինակ էր, որ էֆգաֆ ի հայրենասէր տնօրէնը կանգ առնէր անոնց վերեւ, իր թաթերէն ու ոտքերէն։ Զայն դիտող մը, թուրք չըլլալու պարագային, պիտի չկրնար հասկնալ ուժգնութիւնը անոր զայրոյթին, քանի որ ինքզինքը ինկողներուն վրայ չարձակելու համար կը ծամէր ակռաները։ Ու անոր կզակներուն ծխնիները, իրենց գալարքին մէջ, կը փոսցնէին [76] անոր միսերը, ականջին մօտերէն։

 

Ոտքի ելլելէ յետոյ, Մաթիկ Մելիքխանեանցը, ատամնաբուժական ուսանող, ռուս առաջաւոր շրջաններու այլասէր իտէալիզմովը կազմուած ու իր ցեղին մեծ բարութեամբը թրթռուն, անգամ մըն ալ չափեց սա գազանութիւնը` առանց արցունքի։ Սովորութիւնն էր չհարցնել ծեծին պատճառը, չբողոքել։ Արիւն կը կաթէր քիթէն ու մէկ [77] երեսը ուռած էր բոլորովին։ Ճիղճ անոր մարմինը կը տառապէր ցաւէն աւելի, տարերային իր նուաստացումին մէջ սա բարբարոս ու նոյնքան տարերային ամենազօրութեան առջեւ։ Բանտը այս հակապատկերները կը հեղ[ու]սէ մեր ներսը, մեր զարգացումը, հոգեկան մեծութիւնը եւ տաղանդն ու առաքինութիւնները հերքելով ու նախատելով։ Անիկա մարդը ստորնացնող ամէնէն մեծ հաստատութիւնն է։

 

Դուռը բացուեցաւ կրկին։ Ու ատեն էր, վասնզի շարունակուող լռութիւնը կրնար զառածիլ դէպի բաց ոճիրը, որուն կարիքը չկար, քանի որ հայուն դիակը անարժան էր այդ սրահին։ Նման հարուած մը Մաթիկին գանկին, ու անոր խեղճ ուղեղը կը թափէր գետին։

 

Ներս մտնո՞ղը։

 

-- Կոկիկ էֆէնտի մը։

 

Ֆէսին գոյնն ու կաղապարը, լրջախոհ վերարկուն, որուն մութ կերպասը, թեթեւ մը գունատ՝ վասնզի մաշած, մելան ու դիւան կը հոտէր, զայն կը նմանցնէին պետական պաշտօնեաներու շատ ընթացիկ տիպարին, միջին ատելութեամբ, թեթեւ թրքութեամբ. պոթին քալոշ ոտքերուն, առաջին իսկ ցուրտերէն շալի թանկ կտոր մը վիզերնին, որոնք կը խմեն հոռոմի [78] քահանաներէն աւելի ու կ’ուտեն հայ եպիսկոպոսներուն պէս։ Մարդեր՝ մաշած, ցերեկեայ, մա՛նաւանդ գիշերային աշխատանքէն, շատ կանուխկեկ սպառելով իրենց ողնուղեղէն, զոր քանի մը թարմատի կիներ կը ծծեն ագահութեամբ։ Թո՞ւրք։ Կը գիտնանք ատ ալ։ Ատկէ առաջ, անոնք քաջարի բանուորներ էին դիւաններու, սեւ փողկապներով փոքր հանգոյց անոնց օձիքին ճարմանդուած ու միշտ պղտոր մանշէթ ներով, հակառակ հանըմներու մինինիկ մատներու օսլային եւ արդուկին։

 

Կոկիկ էֆէնտին։

 

Որուն դէմքին վրայ միսերուն պառկուածքը զայն կ’ընէր վաւերական թուրք մը։ Հանդիպելի էին այս գիծով մարդիկ, ծագումէն հայ, բայց կրթութեամբ եւ պաշտօնով թուրք, աս ու ան գազա յին մէկ անկիւնը մոռցուած քարտուղար կամ դատաւոր ու բժիշկ, որոնք իրենց շրջանակին ո՛չ միայն տարազը, մտայնութիւնը, այլեւ մարմինին կառոյցն ալ իւրացուցած կ’ըլլան քառորդ դարու յաճախումի մը վերջը։ Ա՛յնքան՝ որ այլեւս չեն զանազանուիր ընդհանուրի մէջէն։

 

Ֆէսը, այսինքն՝ անոր լուրջ ու հաստատ հանգիստը, ճակտի որոշ ծիրի մը վրայ։ Բարեւելու ատեն աջ ձեռքին լայն ու թրթռագին աղեղը, կռնակին կիսահակ միւս աղեղովը լուսաւորուած։ Շարժումին ընկերացող բառերուն հնչականութիւնն ու վայելուչ կեղծիքը։ Կարծես դպրոց մը ունէր գոյութիւն, ուր այս ամէնը խնամքով կը սորվեցուէին պաշտօնեաներուն, դիւանէ դիւան։

 

Բայց այդ ամէնէն աւելի, գութ հրաւիրող կորութիւն մը նայուածքի ու, մա՛նաւանդ՝ ձայնը զայն կ’ընէին բացառիկ էֆէնտի մը, երկդիմի, պղտոր, անկնիք։ Վրան՝ այն տեսակ մը զգուշաւորութիւնը, սմսեղուկ հովը, որմէ գոլաւոր կը պտտին մութ արհեստներու ասպետները։ Լրտեսութիւնը, այդ օրերուն, հակառակ բարգաւաճ ասպարէզ մը ըլլալուն, հայերուն վրայ գարշ ու խարանուած բան մը կը դնէր։

 

Հոյակապ մարմնախաղով մը, որուն կատարելութիւնը չվրիպեցաւ ժողովականներէն ու Մաթիկէն (որ յիշեց [79] Կեսարիոյ մէջ պետական վարժարանի հայ ուսուցիչ մը, ճիշդ ու ճիշդ կրկնող սա արարածը եւ որ պաշտօնական լրտեսն էր միւթասարըֆ ին), կարմրելու չափ սաստիկ, գունատ իր դէմքէն, ծռելով գետին՝ անիկա բարեւեց նախագահ պէյը, որ բացուեր էր քիչիկ մը դէպի աթոռը, ու ժողովականները, յարգանքէ, պատկառանքէ, յուզումէ թրթռուն, ու՝ նուրբ, գեղեցիկ, վայելցնելով այդ ամէնը աւելի հարազատ, քան եօթը պորտէ թուրքը։ Անոր տժգոյն մօրուքը սիկարի մուխով դեղնաւոր, սանտրի ամէնօրեայ արդուկին ներքեւ, կը նպաստէր անոր դէմքին թիփիկ թրքութեան, ուր Գուրան ի համարները մտովի հեգող մարդոց մօտ կը դիտուի, ամէն մէկ համարը մօրուքի մէկ փունջին շոյանքով։

 

Նախագահ պէյը, քիչիկ մը բարձրէն, փոխարինեց [80] այս բարեւը։ Պէտք ունէր ուշադրութեան շրջումի մը։ Այս միջամտութիւնը չէզոքացուց անոր մէջ զայրոյթին խուժումը, թաթառաձեւ, դէպի անոր ուղեղը։ Քառսունէն վեր գէրերը ենթակայ են այս յարձակումներուն, սեփական արիւնէն։

 

Եղաւ թեթեւ թուլացում բոլորին ալ վրայ։

 

Սուլթան Համիտին բարեկամ պէյը, իր մեծ զբաղումներուն մէջ ատեն էր ճարեր [81] հայերով ըլլալու, բացայայտ իր խօսքերուն մէջ զանոնք ատել իսկ չզիջանելուն հակառակ։ Ու այս ժամավաճառութիւնը քաւել կու տար անոնց, բացառիկ անաստուածութեամբ մը, մերժելով ի յառաջագունէ հայերու կողմէ ամէն խնդրանք, որ Ստուգիչ յանձնաժողովին խողովակովը կը ներկայանար իր նկատառման։ Անիկա անկարելի հռչակեց Պոլիս մուտքը յիսունէն վար բոլոր հայերուն։ Իր վեհապետին անձը պաշտպանելու այս շրջառիկ եղանակը նոյն ատեն աղբիւր էր հասոյթի քաջարի պաշտօնեաներուն, ամիսներով թոշակի փոխան խոստում միայն գանձող։

 

-- Ուշացաք, Սուքիաս էֆէնտի։

 

Կարճ, կտրուկ, կարմիր ու թուրք։

 

Զայն լսող մը ինքզինքը պիտի զգար շատ տեղեր, բայց ոչ՝ սա գեղեցիկ սրահին մէջ, գիրքերուն քաղցր նայուածքին ներքեւ։

 

Կարճ, կտրուկ, կարմիր ու թուրք։

 

Կէս դար առաջ սկսող յեղաշրջումը, կեդրոն ունենալով Պոլիսը, հարկաւ բան էր փոխած թուրքերուն վարչութեան մէջը։ Գոնէ մեծ փաթթոցները թեթեւցեր էին, եւ համազգեստը պարտաւորիչ՝ կարգ մը դիւանի ծառաներուն։ Բայց հոգի՞ն։ Երկու դար առաջ, սա ժողովին փառահեղ նախագահը կատարեալ ու գեղեցիկ ամբողջութիւն մըն էր, այսինքն՝ հարազատ թրքութիւն մը, միակտուր ու ճակատագրական, որ իր ատելութեանց մէջ բարգաւաճ ու բացարձակ, չէր խորհեր ներսէն տառապանքներու, արդիւնք՝ իր տիրակալութեան դէմ սահմանի փորձերու։ Ու այս մարդուն այսպէս սպառազէն պէյութեան դիմաց սա Մա…տէուսներու պապերը՝ դարձեալ իրականութիւն, այսինքն՝ հասարակ գերիներ, միակտուր ու ողորմելի։ Զանոնք սոխի պէս մանրելը, մեծ կտորը ականջնին ձգելով, գործ մըն էր, որուն համար Արեւմուտքը իրար անցընելէ հեռու, քիչիկ մը երախտապարտ ալ էր, վասնզի աղանդաւորներու թիւը անուղղակի պակսած կ’ըլլար երկրի երեսէն, ինչ որ քիչ շահ մը չէր այդ բաներով ալ մտահոգ անոնց վարիչներուն։ …Ո՜վ ժամանակներ։ Օսման պէյզատէ Օսման պէյը ինչու այսպէս տրտմելով մտածէր սա օրերուն, երբ այնքան ուրիշներէ ետքը հայն ալ կեավուր կ’ըլլար ոտքի ելլելով ։ Եւ որո՜ւ դէմ։ Այս մտածումին դառնութիւնը ամբողջ սերունդի մը օրակարգը եղաւ։ Ջարդերը զովացում բերին, բայց ոչ՝ խաղաղեցում։ 915ը պիտի դարմանէր թուրքերուն այդ վրդովումը։ 900ին անոնք կ’ափսոսային իրենց դարը։ Որքան ուշ աշխարհը ղրկուած սա Օսման պէյը։ Կարճ, կտրուկ, կարմիր, անոր ձայնը ծեծեց սրահին տժգոյն լռութիւնը։

 

-- Հասկցուցէք սա անասուններուն…

 

Հաճո՜յքը՝ մարդերը այդքան դիւրաւ անբան ընելու։

 

-- Ինչո՞ւ ուշացաք։

 

Յանդիմանական գրեթէ։

 

-- Ձեր բարձր ներողամտութիւնը թախանձագին կը հայցեմ, պէյ էֆէնտի։

 

Մեղկ, շողոմ, ստորին բան՝ ձայնը Սուքիաս էֆէնտիին։

 

Անշուշտ ձայնի գիտութիւն մը կայ, ժողովուրդէ ժողովուրդ, զոր կը ստանան ցեղերը, շատ մը բաներու հետ, պատմութեան անիւէն։ Անշուշտ մշակոյթ մըն ալ կայ, որ այդ ստացումները կը յղկէ համաձայն ցեղերու խառնուածքին։ Թրքական լուծին ինկած ցեղերուն մէջ հայը առաջինն էր, որ իւրացուցած ըլլայ այդ գիտութիւնը մեծ կատարելութեամբ։ Ասիկա ուրանալը ոչինչ կը փոխէ մեղադրանքէն։ Գերիներու գիտութիւն, բնական ճկունութիւն, աչքըբացութիւն, ասոնք բառեր են, որոնք կրնան մեր արժանապատուութիւնը փայփայել։ Սխալը կ’ընենք մեր ժողովուրդը դատելու, Փարիզ կամ Նիւ Եորք նստած, քսաներորդ դարուն։ Դրէք զայն իր հողին վրայ՝ յիսուն մը տարի ու աւելի ետ։ Այն ատեն պիտի ըլլաք համեստ, անոր տկարութիւնները քնարերգելու համար։ Անշուշտ, այս նկատողութիւնները չեն տարածուիր մեր ցեղին բովանդակ դասերուն։ Բայց հարկ է խոստովանիլ, որ անոր մէկ մասը ինքզինքը ուրանալու չափ առնուած է այդ զզուելի առաքինութենէն։ Նկատի չունիմ մեր հին ոճով աւագանին, նախարարներու վիժուկ բռնակալները, ամիրաները, տասնիններորդ դարու վերջին կիսուն՝ պետական պաշտօնեայ փաշայութիւնն ու էֆէնտիութիւնը, որոնք եղան աւելի ազատ, աւելի մարդ, թուրքին ծառայելով հանդերձ, մնալով ազգային զուսպ արժանապատուութեան մը մէջ։ Բայց այդ յաջողութիւնը [82] չի հերքեր միւսները, մեր օրերուն ապասերած տիպարները, որոնք չխզուեցան իրենց ազգէն, շապիկ հագան իրենց ժամերուն երգեցողութեան, բայց ապրեցան թուրքին կամքովը, թուրքին շահերուն համար։ Դասական լրտեսէն վեր տիպարներ են ասոնք, հաճելի եւ աղտոտ, սողուն ու վախկոտ, եւ որոնց պահպանողականութիւնը ատեն մը գրաւական եղաւ մեր բարօրութեան, իբր թէ ատիկա, այդ այնքան պոռացուած բարգաւաճի վիճակը ըլլար ճշգրիտ իրողութիւնը։ Ի՜նչ արժէք ունի կալուածը, երբ տէրը չես անոր, պիտի չըլլաս։ Չեղան լրտես այդ մարդերը, վասնզի մտածեցին թուրքին պէս, թուրքին հետ։ Խօսեցան ինչ որ ախորժ էր անոր։ Իրենց համոզումը անկեղծ էր անոր հաւատարմութեան մասին։ Այս մարդոց մէջ այդ մտայնութիւնը քաղաքական հանգանակ մը չէր, ինչպէս էր ատիկա մեր մեծատես, սրատես քաղաքագէտներուն մէջ։ Պրուսայի հայոց առաջնորդարանին կէտիկլի քարտուղարը` Սուքիաս էֆէնտին, կրնայ տիպար ծառայել այդ հոգեվիճակին։ Ասպարէզէն հասունցած՝ անիկա ձեռնասունն էր նախորդ առաջնորդ Բարթողիմէոս սրբազանին, որ զայն առած էր մուշտակավաճառ իր հօրը խանութէն, գեղեցիկ ձայնին պատճառով ու «փոքրաւոր» կեցուցած ուրիշ քանի մը պատանիներու հետ, որոնցմէ մէկը եպիսկոպոս եղաւ իր կարգին։ Չ’արժեր տարածուիլ եպիսկոպոսական բարքերուն մութ կողմերովը, որոնք շշուկներով կը լուսաւորուին ու չեն տեսնուիր։ Իրողութիւնն էր, որ փայլուն պատանին կաղապարուած էր տարօրինակ այդ մարդուն շնորհներովը, որոնք Սուքիաս էֆէնտիին վրայ յանգեցան սա լպրծուն նուաստութեան։ Անիկա ժառանգած էր սրբազանին մտայնութիւնը, լրիւ ու հարազատ [83] ։ Կը հաւատար, իր վարդապետին նման, իր պապերուն առաքինութեանց, որոնք թուրքը զգացեր էին, առանց հռետորութեան ու առանց թշուառութեան (որ հետեւանք է մեր իրականութեան բախումին) ու բերեր մեր ցեղը, կոտորակուած՝ բայց ամփոփ, նոր ժամանակներու սեմին։ Համբաւաւոր առաջնորդը ինքզինքը կ’անուանէր վերջին եպիսկոպոսը հայոց եկեղեցիին ու կ’աւաղէր մեր անցեալին անդարձ հեռանալը մեզմէ, երբ, իսլամական հեղեղին մէջ քանի մը կարկառուն դէմքեր լեզու կը գտնէին միշտ բռնակալին եւ իրենց ժողովուրդին միջեւ ու կը փրկէին ազգը։ Ջարդերը, անոնցմէ առաջ սկսող խստութիւնները խորապէս վրդոված էին այդ եպիսկոպոսը, որ կը հաւատար իր քաղաքականութեան ու մեր դժբախտութիւնները, իր կողմնակցութեան մղումով, կը բեռնար Սահմանադրութիւն որակուած օրթա օյին ին [84] ։ (Այսպէս արտայայտուելու համար սրբազանը ունէր զօրաւոր դառնութիւններ, զորս իր թեմին սահմանադրական ժողովները կը պատճառէին իրեն, դրամի, դիրքի, լեզուի, խելքի մեծ աղաներ, չքաշելով [85] անոր պալատական բարքերը, հանըմները, թարմ մնացած քոյրը, որուն տունը կ’ապրէր՝ փոխանակ վանքին մէջ ապրելու։ Գաւառական Երեսփոխանական ժողով մը շատ աւելի ահաւոր բան էր, քան Պոլսոյ Ազգային Երեսփոխանական Մեծ ժողովը, ուր գոնէ լեզուի ճամարտակութիւն եւ հռետորութիւն ընելիք մը ունէին։ Այդ ժողովականներէն իր տեսած հալածանքը զայն կ’ընէր անգթօրէն անիրաւ, Ազգային սահմանադրութիւնը որակելով ածականներով, զորս անհնար է ընդունիլ այս էջերուն։ Այս մտայնութեամբ անիկա բացառութիւն կը կազմէր նոր օրերու մեր եկեղեցական դպրոցին մէջ` ուրանալով արժէքը, մա՛նաւանդ օգուտը նոր ոգիին, որ մեր կործանումը կը հանդերձէր Մխիթարեան ու կովկասահայ գաղափարախօսութեամբ կազմուած մեր կրօնական պետերուն յիմար ինքնախաբէութեամբը։ Անիկա կ’արհամարհէր սահմանադրական սերունդը, անով մատրուակուած թոյնը, որուն անունը կու տային ազգային գիտակցութիւն, եւ որ մեզ կորուստի մղող ամէնէն զօրաւոր խենթութիւնը պիտի ըլլար շատ քիչ ժամանակի մէջ։ Կ’արհամարհէր մեր պատմական ազգայնականութիւնը, գիրը, քարոզը։ Ու ոգին՝ որով առաջին գիծի կ’անցնէին գրիչը, յօդուածը, գիրքը ժողովուրդը վարելու կոչուած մարդոց վրայ, փոխանակ ըլլալու բացառութիւնը։ Քանի՞ գրագէտ կաթողիկոս ունէր մեր եկեղեցական նուիրապետութիւնը իր տասնհինգ դարեայ պատմութեան ընթացքին։ Գիրք գրողները, լաւ խօսողները, ֆրանսերէն բանաստեղծութիւն տպողները կրնային իրենց սենեակները, իրենց ազգականները, շատ­շատ իրենց սիրուհիները կառավարել միջակ յաջողութեամբ։ Բայց անատակ էին թուրքին եւ իրենց ժողովուրդին միջեւ ըլլալու այն պահպանակը, որ գործեր էր, այնքան օգուտով, դարերէ ի վեր։ Պրուսայի առաջնորդը իր ձեռնասուններէն կը պահանջէր քիչ հմտութիւն՝ շատ վարուողութիւն, քիչ քարոզ՝ շատ խորամանկութիւն, քիչ խստութիւն, սրբութիւն, հռետորութիւն՝ շատ ճկունութիւն։ Ներեցէք, որ կը ծանրանամ քիչ մը այս մարդուն մտայնութեանը վրայ։ Վասնզի անոր մէջ կը բիւրեղանայ ամբողջ դպրոց մը, որ, պարագաներէ զառածած, ստեղծեց մեր լրտեսները)։ Այս աւանդութիւններուն մէջ կազմաւորուած Սուքիաս էֆէնտին վարեց ազգային առաջնորդարանը, Բարթողիմէոս սրբազանին հրաժարումէն վերջը։ Ջարդերէն յետոյ մանաւանդ տիրական եղաւ այդ մտայնութիւնը ազգային շրջանակին մէջ։ Աւելցուցէք անոր խառնուածքն ալ, որ եղաւ բացառաբար քսու [86], սմսեղուկ, ծածկամիտ ու նենգ։ Անիկա թաղականները, աղքատախնամին անդամները, հոգաբարձութիւնը մեծ դիւրութեամբ կը վերածէր ազնուաշուքներու եւ վսեմաշուքներու։ Ու այդ իմաստուն տնտեսումով հայոց նոր առաջնորդը տեսակ մը շարունակութիւնը՝ պատմական ու Սուլթանին սիրելի Բարթողիմէոսին։

 

-- Հազար ներողութիւն, պէյ էֆէնտի, պատճառնե՛ր…

 

Ու լպրծուն, լոյծ, թուքի պէս զազիր ժպիտը՝ բոլոր սողուններուն.

 

-- Մերհասա [87]   էֆէնտին իր յարգալից մաղթանքները եւ ողջոյնները կը մատուցանէ վսեմաշուք ժողովականներուն։

 

Մագիստրոսեան իր գիտութի՜ւնը՝ ձեռքի կորագիծով մը տասը մէկ անգամ, նոյն աստիճանով, յարգելու։ Նայուածքի յաջողակ շրջումով մը քսան աչք ակնարկի մը մէջ, ողջունելու։ Տեսած ըլլալ է հարկաւոր՝ ըմբռնելու համար կեղծիքի սա արագութիւնը, բնականութիւնը, տիրականութիւնը։

 

Հազարապետ փաշան ժպտեցաւ։

 

Պոլսէն կը ճանչնար մերինները, ուր այս տիպարները պարտաւոր էին աւելի խոր, մանուածապատ նենգութեամբ մը պաշտպանուիլ հասարակաց կարծիքէն, մամուլէն, ազգային երեսփոխաններէն ու տակաւին շատ մը ազդակներէ, որոնք կը պակսէին գաւառական սա քաղաքին մէջ։ Անիկա, Ջարդերէն ետքը, իրեն մասնագիտութիւն էր ըրած Հայկական Հարցը, արտասահմանեան կոմիտէներու գործունէութիւնը։ Տեղեակ էր մեր պատմութեան, մեր ձգտումներուն, շերտաւորումներուն, մեր պաշտօնական շրջանակներու տիրական մտայնութեան, ու ասիկա՝ մեր կողմէն ահաւոր փութկոտութեամբ մը մատուցուած անոր հետաքրքիր հաշիւներուն։ Անիկա կը կարծէր տեսնել Սուքիաս էֆէնտիին վրայ այն միւսները, էֆէնտիներ, պետական վարժարաններու մէջ ուսուցիչ կամ Հանրային Պարտուց վարչութեան կամ Օսմանեան Պանքայի մէջ պաշտօնեայ, լեզուական կատարելութեամբ, թուրքերէնը արտասանելու անթերի շեշտով, ու կեղծիքը մաքրամաքուր կենցաղագիտութեան բարձրացնող անհաւասարելի յաջողութեամբ։ Մարդեր, իրենց այդ դերով, ինկած [88] խեղճ, փոքր, կարծես վրէժ լուծելու համար իրենց ցեղէն, որ իրենց առաջխաղացութիւնը այդքան բացայայտ ձեւով մը կը վտանգէր ու զիրենք կը վերածէր սա ստորնութեան։ Հայ պաշտօնէութիւնը խոր տառապանքը ապրած է արդարեւ այս մտայնութեան։ Անունի փոփոխումով մը այդ մարդերը սահմանուած կ’ըլլային, պիտի ըլլային վարչական բարձրագոյն պաշտօններու։ Իրենց ցեղին այդ ընդքարշող տկարութեամբը կը մնային անաւագ, կայուն, աւելի վերջը հրուած դէպի լրտեսութիւն, ինչպէս ըսի, անգիտակից փոխվրէժի մը յագեցումին համար։ Այս պարագան կը զատէ մեր դաւաճանները զուտ շահադիտական նպատակներով գործող միւս տիպարներէն։ Վասնզի անոնք բաւարար վարձատրութիւն չունեցան։ 915ը ամէնէն գռեհիկ միջոցներով թուրքերը տրամադրելի ունեցան ամբողջ բանակ մը լրտեսներու։ Ոմանք հացի մը գնով ըրին ատիկա։ Ոմանք ինքնամատոյց, իրենց պզտիկ քէները յարդարելու տենդով։

 

Նախագահ պէյը կը ծամէր կզակները։

 

Խստութիւնը՝ խառնուածքին։ Զոր չէր յաջողած մեղմել փատիշահին դիւանագէտ բարեկամութիւնը։ Քաղաքականութիւնը ասպարէզ մըն է, որոշ օրէնքներով, որոնցմէ դուրս էր կզակ ծամելը։ Բայց ամէն մարդ իր կրցածը կ’ընէ։ Լեռնականի վայել ատելավառ շեշտով մը աւելցուց անիկա, մատը սեւեռ՝ ամբաստանեալներուն.

 

-- Ըսէք սա անբաններուն, որ օգտուին վերջին պատեհութենէն։

 

«Անբան», «անասուն», «կաւատ», «պոռնկորդի», «խոզ», ու աւելի խուժդուժ բառեր էին հայերու տղաքը, սա գիրքերու ընտանութեան, բերանէն սա մարդուն, որ (արեւմտեան կարգերու հանդէպ խոր իր գարշանքին մէջ   --քանի մը դար արդի քաղաքակիրթ ազգերը արժանի իսկ չնկատուեցան արհամարհանքի, վկայ՝ սուլթաններուն հրովարտակները Արեւմուտքի արքաներուն--, անիկա իր զգացումներուն մարմին կու տար հայերու վրայ գործադրուած դիւրին նուաստացումով) թուրքերուն երկդարեան անընդմէջ պարտութիւնները իր հաստ ուղեղին բացատրելի ընելու համար, յանցաւոր կը նկատէր կեավուր ին գոյութիւնը, անոր անէծքները, դաւաճանութիւնները ու չէր կշտանար հայհոյելէ, երկու, երեք, մինչեւ տասը վայրկեան, ու ասիկա՝ ամէն տեղ, ամէնէն բարձր ատեաններուն նոյնիսկ։

 

Ընդհատեց հայհոյութիւնները, վասնզի հազարապետին զարմացած ակնարկը պերճախօս էր բաւական։

 

-- Որ խոստովանին։

 

-- Այո, պէյ էֆէնտի, պէտք է խոստովանին։

 

Նուաճուած ազգերը ուրիշ լեզու չէին կրնար գործածել, չէին գործածած։ Ու չունէին իրաւունք [89] ուրիշ կերպ արտայայտուելու մարդեր, որոնք իրենց գլուխը վարձքով կը կրէին իրենց ուսերուն։ Գլխահարկին այս ակնարկութիւնը ցաւ էր անոր։ Վասնզի դարերը չէին գար ետ, որոնց մէջ սուլթաններու սուրը, քմայքը կողմնացոյց կը ծառայէր անոնց բանակներուն։ Ինչո՞ւ չէին մաքրած այդ օձերու սերունդները, երբ ինկած էին իրենց դանակներուն բերանը։ Ու վախնալով հանդերձ մեծ սուլթաններուն հայհոյելէ, Օսման պէյը հրապարակաւ կը յայտարարէր.

 

-- Ինշալլա՜հ պիտի տեսնենք։

 

Տեսնալի՞քը։

 

-- Օրը բնաջնջումին։

 

Ջարդերուն անպատիժ մնալը ուրիշ ի՞նչ [90] կրնար ապացուցանել։ Անոնք պիտի սրբագրէին Ֆաթիհներու սխալները։

 

-- Ուրիշ մարդ պիտի ղրկէ՞ մերհասա էֆէնտին։

 

-- Ո՛չ, պէյ էֆէնտի։

 

Այդ մերհասա  էֆէնտին [91] մունտառ [92], բայց հաճելի կապիկ մըն էր, իր մանր դէմքովը ու ջղային շարժումներովը, ինչպէս կը հաստատէր Էֆգաֆ ին ջորիի պէս պինդ տնօրէնը` հեգնելով հայոց առաջնորդին քիչ մը նրբացած ժեսթ երը ու պոլսական փափկութիւնը, իր բառովը՝ նէզաքէթ ը։ Զայն կը ճանչնար, պարտաւոր ըլլալ, պետական իմաստութեամբ մը [93], քանի որ Ջարդերէն վերջ, վիճակներու առաջնորդները խռովարարական պաշտօնեաներու գիծին կու գային։ Սուքիաս էֆէնտիին հաւատարիմ մատնութեամբ, ան տեղեակ էր առաջնորդին բնաւորութեան բոլոր ծալքերուն, վախերուն, մենագարութիւններուն, ինչպէս նաեւ մականունին վտանգաւոր խորհուրդին, քիչ մը շատ հայ հնչումով։ Արշարունի հայր սուրբը (այդ օրերուն կարծեմ չէր եպիսկոպոսացած) կուսակալին մեղմ դիտողութեանը դէմ պաշտպանած էր իր մականունը Կալաթա­Սէրային լիսէին պաշտօնական վկայականովը, վարժարանին մեծահմուտ տնօրէնին վարկը արժեցնելով պերճախօս դրուատիքով, ու քիչ մըն ալ այն իրողութեամբ, որ այդ թշուառական մասնիկը՝ ունի ն դեռ աժան ջուրի յեղափոխական մենաշնորհ չէր դարձած։ Պոլսական անոր կրթութիւնը, լեզուին անթերի տիրակալումը, թուրք կրթական մեծ հաստատութեան մը աշակերտելը անշուշտ արժէքներ էին պետական շրջանակներու համար։ Միւս կողմէ՝ թուրքերը չէին ատեր [94], որ մերհասա էֆէնտին հարազատ հայ էր, բաղդատուած Բարթողիմէոս սրբազանին, որ դէմքէ, մօրուքէ, լեզուէ, [95] թէմէննահ է տարբերութիւն չունէր փաթթոցով կրօնաւորներէն, այնքան նոյնացած էր անիկա տիրող տարրին հոգեբանութեան. ու կուսակալի մը բարքերովը, վարչութեամբը կը կառավարէր իր թեմը` սաստելով յամառ աւագները, [96] Երեսփոխանական ժողովին (Գաւառականը հասկնալ) անդամները լռեցնելով իրենց սահմանադրամոլ եռանդին մէջ ու լուծելով ժողովները Սուքիաս էֆէնտիին խաղերովը։ Արշարունի վարդապետը կը տարբերէր իր նախորդէն նստասէր իր բնաւորութեամբը եւ ժուժկալ խոհանոցովը։ Իր նախորդը իր թեմին գեղերը կը սիրէր այցելել, չորս­հինգ բարապան ժուռ ածելով ետեւէն, ընտրուած, բարձրակերտ մարդեր, պաշտօնական համազգեստով ու կէս մը վայրենի, որոնք աղաներուն երեւալ ունէին ու ազդեցիկ էին նոյնիսկ թուրք երեւելիներու վրայ, երբ անոր ասա ն երկու ձեռքով բռնած կը մտնէին անոնց գեղջկական ապարանքները եւ կը բաշխէին ամենակարող սրբազանին օրհնութիւնն ու ողջոյնները` հրաւիրելով զանոնք այս ու այն ժողովին։ Արշարունի հայր սուրբը հակառակ մեղաւոր իր մականունին, թրքական շրջանակներու մէջ տանելի էր իր անգոյն, աւելի ճիշդ՝ անազգային մտայնութեամբը, տարօրէն հաշտ էր քաղաքին աւագանիին հետ, հին մարդեր, խորապէս կրօնասէր, ազգը ընդունելով ժամուն շրջափակէն ներս, ու շուկան, գործը, խանութը՝ աշխա՜րհ իրենց հոգեկան ու մարմնաւոր ամբողջ լինելութեան։ Դպրո՞ցը։ Աղքատիկ տղաքը արհեստաւոր թող ընէր ան։ Հարուստները իրենց վաճառատուններուն դպրոցը չէին փոխեր ոչ մէկ հաստատութեան։ Արշարունի հայր սուրբը հոն ամիսը հեղ մը կ’երեւար ու կը կարդար Լաֆոնթէնի առակներէն մէկ­երկուքը, այնպիսի՛ միմիք ով ու դղրդագին արտասանութեամբ, որ տղաքը, բոլորն ալ աղքատիկ, հացէն չունեցած իրենց կշտումը կ’ունենային խնդուքէ։ Կը բաւէր անշուշտ այսքանը։ Բայց վարդապետը տիրացու տղաք ալ կը պաշտպանէր` զանոնք իր խոհանոցէն կերակրելով ու ամսականէն զգեստաւորելով։ Քնքուշ, երկարաշունչ ու տարօրէն քաղցր իր ձայնը տարածուած էր եկեղեցիին շրջափակէն։ Ու այդ ձայնին բարեկամ էին էֆգաֆ ի մեծահամբաւ տնօրէնը ու, մա՛նաւանդ՝ բանտերու վերատեսուչ փաշան, ծանօթ մեզի իր այս հակումով ալ։ Բացառիկ՝ անոր հմտութիւնը մեվլէւի տէրվիշ ներու [97] երաժշտութեան։ Արեւելեան եղանակներու դժուարամատոյց թեքնիքը գաղտնիք չունէր անոր համար։ Ու անոր նէյ ածելը տխրալի դաշնակութիւն մըն էր վերջալոյսներուն, երբ Վանք ին [98] պարտէզին մէջ, վարդենիներու պուրակներու խորը, մուշտակին մէջ փաթթած իր ջղագար ու ազազուն մարմինը կը նուագէր մեղմ` լալով մութին վրայ, հեռու տուներէն արցունք խլելով։

 

Սուքիաս էֆէնտին, այդ առաջնորդարանին պատուաւոր ու պատուական քարտուղար։ Հայերու հանգամանքները ստուգող յանձնաժողովին իրաւասու, հաւատարիմ ու բոլորովին [99] գաղտնի տեղեկաբեր (վասնզի ամէն անհատ անկէ խմբագրուած թուղթով մը կը ներկայանար այդ սարսափելի ատեանին), քոմանտան փաշային առանձնակի վճարուած լրատու (փաշան գիտական իր զբաղումներուն մէջ քաղաքականութիւն ընել կը յաւակնէր Պրուսայի հայոց վաճառականներէն ու վարժապետներէն իր ամբարած տեղեկագրութիւններովը, որոնք սեփական աղբիւրէ բխելու արժանիքը կ’ունենային կուսակալութեան մեծ ու խորհրդաւոր ժողովներուն մէջ)։ Նոր կազմակերպուած գաղտնի ոստիկանութեան նորընտիր պաշտօնեայ (Համիտին գի՞ւտն էր անիկա, երբ ամբողջ պաշտօնէութիւնը ուրիշ բան չէր այդ օրերուն հանդէպ իրարու, մեծը՝ պզտիկին, պզտիկը՝ մեծին)։ Հայկական շրջանակներու մէջ, խորապէս գնահատուած ազգանուէր, կարող հայրենասէր, թրքատեաց, գործ կարգադրող դիւանագէտ (անոր ստանձնած բոլոր գործերը յաջող յանգ կ’ունենային)։ Մեծ աղաներու խնճոյքներուն հաճելախօս, անէկտոթտիք, սրամիտ, Բարթողիմէոս սրբազանին բազմամեայ պաշտօնավարութեան հազարումէկ դրուագները մեծ շահեկանութեամբ պատմող մատռուակ։ Հիմա, արտակարգ ժողովի մը արտակարգ թարգմանը։

 

-- Հարցուցէք, նախ, Սուքիաս էֆէնտի, խօսի՞ն պիտի, թէ ոչ։

 

Խօսիլը քոմիթա ներուն կողմէ ամէնէն դժուար զիջումն էր եղած այդ հարցի ամբողջ ընթացքին։

 

Օսման պէյը այս հարցումը դնելէն ետքը դարձաւ իր աթոռին։ Հաճ էր անիկա։ Հաւատարիմ թարգման մը աւելի կ’արժէ, քան թեթեւամիտ դատաւոր մը, նոյնիսկ հարազատ թուրք։

 

Ժողովը կը սկսէ՞ր։

 

Մարդիկ՝ իրենց փոքր զբաղումներուն։ Քոմիթա ները՝ նոյն այլուրութեամբ։ Սուքիաս էֆէնտին շեշտ փնտռելով, համոզկեր ու համեստ այն խօսուածքը, որով կարգ մը մարդիկ կը յաջողին ամէնէն բարդ կացութիւնները փրկել, քանի մը աննշան դարձուածքներով` վերցնելով խուժ ու անհանգիստ բանը ատեանին [100] ։

 

-- Պարոն Մաթիկ, - ըսաւ անիկա` թեթեւ մը հազալով, ձեռքին մէկովը մօրուքը սանտրելէ ետքը։

 

-- Այո՛։

 

-- Ժողովականները, բոլորն ալ հիստ բարձր անձնաւորութիւններ, կ’ուզեն որ հօսիք ։

 

-- Կարող են բարձր լինել, բայց իրանց համար։

 

-- Այսինքն, ի՛նչ ըսել կ’ուզէք։

 

-- Պարզ է։ Ախր, չեմ հասկանում, էլի ի՛նչ են ուզում մեզանից։

 

-- Որ հօսիք ։

 

-- Գիրքեր լեցնելու չափ խօսած ենք, էլի։

 

-- Ոչ, անոնք ուրիշ հնդիր ։ Այս ժողովը կը փափաքի անձամբ լսել ձեզ։

 

-- Ներեցէք, որ չկարողանամ հասկանալ ձեզ։ Չեղեա՞լ նկատուելու են մեր ասածները [101] էդ թղթերում, ասացէք խնդրեմ…

 

Ու անոր փոքր մատը ցոյց տուաւ դատաւորին առջին դէզ թուղթերը։

 

Սուքիաս էֆէնտին ամէն մէկ պատասխան կը թարգմանէր ու ամէն հարցում կը դնէր նախ թուրքերէն։

 

Հարցաքննիչ դատաւորը, ծրար մը թուղթ ձեռքին, լարեց մանր իր աչքերը. հայերուն քարտուղարը ճարտար կու գար դուրս։ Ինք, հսկայ իր ծեծերովը, ու բեռներով հայհոյանքովը անկարող էր եղած այդ անասունը այդքան մը խօսեցնելու, մէ՛կ շունչով։

 

-- Ո՞ր տեղացի էք։

 

Ըստ օրինի, հարցումները կու գային դատաւորէն, որուն թարգմանն էր Սուքիաս էֆէնտին։

 

-- Կովկասից։

 

-- Ատիկա հասկցանք։ Ո՞ր քաղաքէն։

 

-- Կովկասից։

 

-- Բայց ո՛ր գետինն անցնելիք քաղաքէն, գեղէն։ Ճեհեննէմ ին (դժոխք) ո՛ր անկիւնէն։

 

Խիստ, բարկացոտ ու ծիծաղելի, վասնզի կը դժուարանար զսպելու լեզուն. այնքան վարժ՝ նման պատասխաններ դիմաւորելու հայհոյութիւններուն է՛ն թանկերովը, զմռսուածներովը։ Նման պարագաներու Աստուած մեղք համարելու չէր իր բերնէն թափած այդ յիշոցները, որոնց պատասխանատուն այդ հնզըր ներուն յամառութիւնն էր հարկաւ։

 

-- Կովկասից…

 

Ու այս բառը, ահաւոր հանդարտութեամբ, ա՛յնքան՝ որ ժողովականներուն ներքեւ աթոռները ելան աղմուկի։

 

-- Մարդ կը ճաթի ասոնց դէմը։

 

Միւսթանթիգ էֆէնտին, պարտուած, թուղթերը նետեր էր սեղանին` նպաստ մուրալով միւսներէն։

 

Այդ բարկութեան հաշւոյն դողահար, Սուքիաս էֆէնտին, ինքնաբեր մեղմութեամբ.

 

-- Բայց Կովկասը երկիր մըն է հազարաւոր գեղերով։ Պատկառելի ժողովը կը փափաքէր իմանալ, թէ ո՛ր գիւղին կամ քաղաքին մէջ ծնած էք եւ ուրկէ՞ կու գաք։

 

-- Կովկասից…

 

Նոյն ահաւոր այլուրութեամբ, իբր թէ առաջին անգամ բերանը բանար։

 

Յետոյ սեւեռեց քարտուղարը իր մանր աչքերովը։

 

-- Ախր, ինչի՞ պէտքական է գալիս իմ ծննդավայրը։

 

-- Ատիկա ձեր գիտնալիք բանը չէ, այլ՝ ժողովին։

 

-- Ժողովի՞ն։

 

-- Այո՛, պատկառելի ժողովին։

 

-- Էդ քո պատկառելի ժողովը մի փնճա՞ն [102] էլ խելք չունի էդ հսկայ փաթթոցների ներքեւ։

 

-- Չհասկցանք։

 

-- Ու քո սերկեւիլի չափ ուղե՞ղն ալ չունի մի կտոր խելք, էլի, հասկանալու, թէ ինչ կարիք կայ ծննդավայր փնտռել մէկի համար, որ պիտի մեռնի։

 

-- Ատ ի՛նչ խօսք է, պարոն Մաթիկ։ Ո՞վ է ըսեր, որ պիտի մեռնիք։ Անսահման է մեր վեհափառ կայսեր գութը։

 

-- Ի հարկէ, ի հարկէ։ …Ա՛յնքան՝ որ չի բաւարարւում մեր երկրային երջանկութեամբը եւ աճապարում է էնքան մեզ խմբովին երկինք ուղարկել, որպէսզի հոն ողողուենք երկնային շնորհքներովը։ Ասելիք չկայ, էլի։ Ի հարկէ, անսահման է գութը ձեր վեհափառ կայսեր։ Էդ գիտէինք սակայն։

 

Կացութիւնը «կը կնճռոտէր»։

 

Առաջին անգամն էր Սուքիաս էֆէնտին ականջին մէջ կ’ունենար այդքան սրբապիղծ բաներ։ Բռնակալութեան մէկ յատկանիշն ալ բառերու վրայ գործադրուած սա սարսափն էր, որով եղան վիրաւոր մեր ականջները աւելի քան քառորդ դար։ Ուրկէ՞ կու գար անիկա։ Հիմա կը հարցնեմ ես ինծի, երբ այնքան անբնական ու յիմար կը թուի թուրքին սահմանէն դուրս։

 

Պատասխանը թերեւս ճիշդ է փնտռել մեր գերութեան դարերէն։ Թուրքի հողին վրայ, մեր հոգին միշտ այդ [103] անարի բանը պէտք է եղած ըլլայ։ Ու ատեն է, որ ճշդենք այդ հոգեբանութիւնը։ Զայն ուրանալը, իրաւ է, թէ բիւրաւոր օրինակներու փաստով մը, չի հերքեր անոր գոյութիւնը։ Հոգեկան արիութիւնը ուրիշ բան է սակայն։ Մի բաղդատէք անիկա յուսահատութենէն ժայթքող մահուան վազքի մը հետ, որ կը շրջանակէ մեծ մասը մեր հերոսութիւններուն։ Հոգեկան արիութիւնը ազատ ժողովուրդներու առաքինութիւն մըն է, որոնք մահը կը դատեն աւելի պաղարիւն, քան մենք, քանի որ կեանքէն առած են ինչ որ կրնայ տալ անիկա, առնուազն հողին վրայ հաստատ մահուան սպասելու վճռականութիւնը` առանց ռոմանթիզմ ի։ Մենք չվախցանք թուրքէն, մեռնելու որոշում մը տալէ յետոյ միայն։ Բայց ասիկա նոյն բանը չ’ապացուցաներ։ Մեր զանգուածը ապրիլ կ’ուզէր, գէշ­աղէկ, ի՛նչ ձեւով որ ճակատագիրը բաշխեր էր այդ կեանքը մեզի։ 915ի աղէտը վերադարձ մըն է հարիւր տարի առաջուան հոգիի մը, մեզի համար։ Թուրքերը հինգ դար թարմացան անով։

 

Ինչպէ՞ս փոխադրել սա հեգնութիւնը փաշաներու ականջին։ Անիկա տուաւ իմաստը, մեղմացուած, բայց զեղչեց անոր ձեւը։ Իր վարանքը աննշմար չէր անցած։

 

-- Տասը քաղաքի մէջ ծնած է, ինչպէս կը վկայեն այդ թուղթերը։

 

Հարցաքննիչ էֆէնտին տրցակով թուղթ կը թրթռացնէր՝ ձեռքերը լայն երկարելով։

 

-- Կարող եմ հարիւր գեղի մէջ էլ ծնուել։ Այդ ամէնը ոչինչ չեն փոխում էս րոպէին։

 

-- Բայց օրէնք է…

 

-- Ախր, շատ բաներ օրէնք չեն, էլի…։ Հենց հազար­հազար մարդկանց սպաննելը։ Օրէնք չէ, էլի՛ կ’անեն։ Եւ կ’անեն էսպէս, Տարդիւֆ ների նման։

 

-- Կը նախատէ օսմանեան անսահման մարդասիրութիւնը, որմէ ամէնէն շատ բարիք այդ ապերախտ ժողովուրդն է վայելած։

 

-- Որ մորթում է հօրը` որդուն հաց բաշխելու համար։

 

Հարցաքննութիւն չէր, որ կը կատարուէր։

 

-- Ուրացումն ալ տաղանդ է։

 

Միջամտեց հազարապետ փաշան, որ Մաթիկին սրամտութիւնը ու առոյգ ոճը դատած էր շահեկան։ Անոր մտքին մէջ ուրուացաւ երկար տեսակցութեան մը գաղափարը, զոր ծրագրած էր օր մը ունենալ, վաւերական յեղափոխականի մը հետ, հայ եւ թուրք հարցին վրայ։ Իր քովէն անցածները, բեռնակիր, դռնապան, արհեստաւոր զինքը dérouter ըրած էին իրենց խելքին քիչութեամբը եւ զգացումներուն յորդ անխելքութեամբը։ Անիկա հայկական միսթիքը ճանչցեր էր բանտերէն, բայց գաղափարախօսութիւնը թերթերէն եւ պրոշիւր ներէն։

 

-- Ձեզ պէս խեղաթիւրելն էլ՝ ասիական տաղանդ է։

 

-- Ի՞նչ բան է խեղաթիւրածը։

 

-- Ամբողջ ժողովուրդի մը ազատութեան իրաւունքը։

 

-- Բայց մենք ձեզմէ բան չենք առած, որպէսզի տալու մտածումը ունենանք։

 

-- Գողն ու գողօնը թաքցնողը «ի նմին պատժի կան» կ’ըսէ մեր գիրքերէն մէկը։

 

Խօսակցութիւնը կը դառնար փորձանուտ։ Անկէ նեղուողը ամէնէն շատ թարգման էֆէնտին։

 

Պատուիրակ փաշան մեղմութեամբ հասկցուց տաղանդաւոր թարգմանին, թէ «դեսպանը մեղք չէր կրնար ունենալ»։ Արեւելեան այս առածին իմաստը կ’արտօնէր զինքը, առանց քաշուելու, յուզուելու, «իր հաւատարմական զգացումներուն, մէջ վիրաւորուելու», ամբաստանեալներուն բոլոր արտայայտութիւնները, հարազատ ու տառացի փոխադրել ժողովին։ Որքան ճիշդ ու խղճամիտ կատարուէր այդ աշխատանքը, այնքան ժողովը կ’ըլլար լուսաբանուած։ Դատական կեանքին մէջ բառերը, ճիչերը երկար խոստովանութեանց չափ կշիռ ունին։ Օսմանեան կառավարութիւնը անգէտ չէր հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան զգացումներուն։ Հայերը այս երկրին արժանաւոր ու սիրելի զաւակներն էին։ Վկայ՝ բոլոր քաղաքներուն մէջ իրենց ձեռք բերած յառաջդիմութիւնը։ Խաբուեցան, մեծ երազներու ետեւէն քշուելով, ու պատժուեցան։ Անշուշտ, ասոնց նման պեխապար օտարականներուն կ’իյնայ այս պատիժին մեղքը։ Հիմա, իրենց ձեռքն էր վերաշահիլ համակրութիւնը թուրք ասպետ ազգին։ Այս մարդիկը   --ցոյց տուաւ քոմիթա ները--   անկարող են հասկնալու այս տարրական ճշմարտութիւնները։ Ձեր   --խօսքը ուղղած էր Սուքիաս էֆէնտիին--    պարտքն է հակազդել ասոնց։ Չարագործներ ո՞ր երկրին մէջ չունին գոյութիւն։ Այլապէս ոստիկանութիւնը աւելորդ պիտի դառնար։ Կայ այդ ուժն ալ ու կը պատժէ։ Թուրքերուն ալ պարտականութիւնն էր պատուհասել խաղաղ ժողովուրդին մոլորիչները։ Թարգման էֆէնտին, մտքի կատարեալ անկախութեամբ մը, ի գործ դնելու էր իր պաշտօնը։

 

Հաճելի, խոհուն ձայնով մը արտաբերուած սա փաստարկութիւնը, թէեւ անհասկնալի Մաթիկին   --քանի որ չէր թարգմանուած քարտուղարին կողմէ--, ստեղծեց տանելի տրամադրութիւն ամէնէն շատ Մաթիկէն ներս։ Խոր վիճաբանող՝ անիկա որքան ատենէ ի վեր կարօտն ունէր սա ակադեմական շեշտով ու միմիք ով գործադրուած քարոզին, զոր կը թուէր հասկցած ըլլալ։ Հաճ ու թեթեւ եղան նաեւ սիրտերը միւսներուն, որոնք մօտիկը կենային այդ ձեւով յայտնուած գաղափարներուն, ճշմարիտ սուտին։ Ամէնուն համար պարզ էր Ջարդին նկարագիրը, ու է՛ մինչեւ հիմա։ Ոչ մէկը ըսաւ այդ պարզ մտածումը ու զայն տարազեց վերի կալիմաթիայ ով [104] ։

 

Ժողովը տեղ մը չէր քալած։

 

Այս դուլէն օգտուողն էր անխուսափելի միւսթանթիգ ը, որ քշեց առաջ իր դասական հարցաքննութիւնը, ձգուած կէտէն, ինչպէս կ’ըլլար ատիկա, պաշտօնական նիստերու, դատարաններու բեմին։

 

-- Ինչպէ՞ս եկաք հոս։

 

Պաղ։

 

-- Ոտքով։

 

Նոյնքան «փայտ», որքան հարցականը։

 

-- Հայվան, - չկրցաւ զսպել ինքզինքը Օսման պէյզատէ Օսման։

 

Հարցաքննիչը շարունակեց` յուզումը հազիւ ծածկելով.

 

-- Ո՞ր ճամբով։

 

Տխմարութի՜ւնը անասուններուն, որոնք արդարութիւնը կը փորձէին մոլորեցնել` դատողները գրգռելով։

 

-- Խճուղիով։

 

Անայլայլ, դասը պատմող աշակերտի մը պարզութեամբը։ Ընկեր Մաթիկը իր այդ տուրքին կը պարտէր այս զառածումը Սասունէն հոս։ Դէգ, «փայտ»՝ անիկա իր ընկերներուն, սրտակիցներուն չըրած զիջումը չունէր ընելիք սա փաշաներուն։

 

-- Քոմիթա   Մա…տէուսը շատ լաւ կ’ընէ, եթէ այդ աւելորդ իմաստութիւնը վերապահէ իրեն։ Իր յամառութիւնը վնասէ զատ բան չի շահեցներ իրեն։ Սրամտութիւն եւ ուրացում անյարմար են եւ քիչ մը իշու վարպետութիւն կը հոտին սա պարագային։ Այս ժողովին համար անհրաժեշտ է գիտնալ այդ ճամբորդութեան գիծը։

 

-- Այս ժողովը պիտի չգիտենայ էդ մի բանը։

 

-- Պիտի գիտնայ։

 

-- Լաւ, ցոյց տուէք ձեր եղանակը։ Ես լռում եմ, եթէ շարունակէք հարց անել այդ ուղղութեամբ։

 

-- Բայց մենք գիտենք այդ գիծը։

 

-- Էդ պարագայում էլ ինչո՞ւ նորից ուզում էք իմանալ։

 

Միջամտեց քոմանտան փաշան։

 

-- Եթէ այս պատկառելի ժողովը կը դատէ յարմար, ես կ’առաջարկեմ դատավարութեան ու հարցաքննութեան սովորական եղանակներէն հրաժարիլ ու չըլլալ ժամավաճառ աւելորդ ձեւակերպութեանց մէջ։ Քանի շաբաթ է կը փորձենք այս մարդիկը զգաստութեան բերել, խոստումով, խստութեամբ, բանականութեամբ եւ բռնութեամբ։ Ասիկա սանդին մէջ ջուր ծեծել կը նշանակէ։ Իրենք իրենց ձեռքով կը ստորագրեն իրենց վճիռը։ Ասիկա իրենց գիտնալիքն է։ Չ՚արժեր շատ ալ մեծցնել այս մարդոց նշանակութիւնը։ Իրողութիւն է, որ անոնք բռնուած են մեր կուսակալութեան ենթակայ Բ. գազա յին Ս. գիւղին լեռները։ Բռնուած են դիմադրութեան փորձէ մը վերջ (կը խօսէր սուտ։ Գիտէր ատիկա հազարապետը ու լռեց։ Սուտը պետական առաքինութիւն է ո՛չ միայն թուրքին, այլեւ՝ ամէնէն առաջադէմ ազգերուն ալ մէջը) ու պարտուած։ Իրողութիւն է, որ անոնք չեն նմանիր թափառական այն միւսներուն, որոնք տարիներ առաջ շատ էին մեր սահմաններուն մէջ, բայց մաքրուեցան։ Մեր աչալուրջ ոստիկանութիւնը զանոնք հաւաքած է խնամքով ու աւելորդ գուրգուրանքով ալ, շրջանները մաքրելու համար անոնց հաւանական աղտոտութիւններէն, ու ղրկած է պատկան նահանգները` ճամբու ծախք ու սնունդ ալ վճարելով (կ’ակնարկէր հոս ու հոն հաստատուած, տուն­տեղ եղած հայաստանցիներուն, որոնք անօթի մեռցուած էին կիրճերու մուտքին ու մաքրուած քարիւղով։ Պանդուխտներու այս դա՜րձը դէպի իրենց հայրենիքը)։ Իրողութիւն է, որ բռնուած պահուն չեն ունեցած ոչ մէկ թուղթ, իրենց ով ըլլալը, ուրկէ գալը յայտարարող, վասնզի պատռած են, ճիշդ իրենց ներկայ հաշիւներուն համար։ Իրողութիւն էր, որ ասոնցմէ մէկը չի կրնար օսմանեան հպատակ ըլլալ, քանի որ խօսած լեզուն քաֆքաս է։

 

-- Չեմ կարծեր, որ այս մարդը Կովկասէն ըլլայ, վասնզի հիմա մեր հպատակներն ալ, մեզ խաբելու համար, այդ հնարքին կը դիմեն։ Այնպէս որ, համամիտ չեմ ձեզի։

 

Այս ընդմիջումը ըրաւ պատուիրակ փաշան։ Վա՞խը։ Ռուսական միջամտութիւն, ինչպէս տեղի կ’ունենար ատիկա Վանի կողմերը։ Անիկա չափեց թարգմանին անբանութիւնը։ Թուրքերը ոչ մէկ ատեն հաւատացին լրտեսներուն։ Թարգմանը կրնար այս կաֆ ը փոխադրել ռուսական հիւպատոսարան, որ, հակառակ հայերը խորապէս ատելուն, պիտի չվարանէր շահագործել դժուարութիւնը, ինչպէս կ’ընէին միւս հիւպատոսները Արեւելեան Նահանգներուն մէջ։

 

Ոչ ոք հասկցաւ այս մտատանջութեան տարողութիւնը։

 

-- Կրնայ ըլլալ։

 

Քոմանտան փաշան իր նոթերն էր, որ այսպէս հատիկ­հատիկ ու հեղինակաւոր շեշտով կը հաղորդէր ժողովին, առանց կասկածելու, թէ ո՛ր աստիճան հասարակ դատումներ էին ու որքան ալ աւելորդ։

 

-- Ու այդպէս ալ է։

 

Գոհ էր, փաստաբանի մը նման, որ տաքցած իր ճառէն, անոր տպաւորութիւնը կը փնտռէ ատեանին վրայ։

 

-- Իրողութիւն է, որ անոնք մեր հպատակներն են ու կը պատկանին քոմիթա յի մը, որ իր անիծեալ ճիւղերը տարածած է օսմանեան նուիրական հայրենիքին շատ մը կողմերուն վրայ։ Մեր կուսակալութիւնը մինչեւ հիմա լուրջ հետքեր չէր գտած անոնց գործունէութենէն։ Բայց վերջին դէպքը կը հերքէ այդ լաւատեսութիւնը, ապահովութիւնը։ Այդ քոմիթա ն իր գլուխը ունի հիմա մեր ալ հողերուն վրայ։ Ու կը գործէ, ասոնց ձերբակալումէն ետքն ալ` հրկիզելով պետութեան օգտակար հայու մը տունը, մայրն ու տղան ալ բոցերու մէջ անյայտ ընելով։ Ասոնք բոլորովին ապացուցուած ստուգութիւններ են։ Ասկէ անդի՞ն։ Հաստատել գոյութիւնը կապին, ասոնց եւ գիւղացիներուն մէջտեղը։ Վասնզի կասկածէ դուրս է, թէ ինչպէս նոր բոլոր թուղթերը կը ձգտին ապացուցանել, միւս ոճրագործը, բոլորովին անփորձ պատանի, այս դաւաճաններուն հրահանգովն է, որ կատարած է իր վայրենի արարքը։ Ուրեմն ժողովը համամի՞տ է, որ հարցաքննութիւնը առնէ այդ ուղղութիւնը։

 

-- Հա՜յ­հա՜յ։

 

Մարդիկ միշտ պատրաստ կօշիկն ու կարծիքը պիտի հագնին, երբ իրենցը չունին։ Ժողովականներէն պատուիրակ փաշան թեթեւ մը կնճռոտեց խաղաղ ճակատը։ Բայց չանցաւ այդ վերապահումը աւելի անդին։

 

-- Թարգման էֆէնտի, հարցուցէք ատոնց, թէ իրենց թելադրութեան արդի՞ւնք է Ս. գիւղին մէջ կատարուած հրձիգութեան եւ սպանութեան կրկնակ ոճիրը։

 

-- Մենք չենք ճանաչում նրան։

 

-- Որո՞ւ։

 

-- Նրան։

 

-- Բայց մենք անուն չտուինք։ Ո՞վ է նրան [105] ։

 

-- Հասկնալի է, էլի՛։

 

-- Ատիկա արդէն կ’ապացուցանէ, թէ կը ճանչնաք զայն, թէ թելադրողը դուք էք, ինչպէս վախցնողը։ Ասկէ զատ, ոճրագործը արդէն խոստովանած է, որ քոմիթա յին կնիքովը մահավճիռ էք կարդացած անոր ու սպառնացած սպաննել զինքը, եթէ անսաստէ ձեր որոշումը։

 

-- Մենք էդ տղան չենք ճանաչում։

 

-- Այդ ուրացումն իսկ կ’ապացուցանէ ճիշդ հակառակը։

 

-- Էդ էլ ձեր գիտութիւնը։

 

-- Դուք քոմիթա չէ՞ք։

 

-- Ի հարկէ։

 

-- Այն ատե՞ն։

 

-- Բայց մենք էդ չենք ուրացել սկի առաջին րոպէից։

 

-- Լաւ։ Ո՞ր քոմիթա յին կը պատկանիք։

 

-- Կոմիտէին։

 

-- Հասկցանք։ Հնչա՞կ, դաշնա՞կ։ Ո՞ր մէկուն։

 

-- Կոմիտէին։

 

-- Հայվա՜ն։

 

-- Ի հարկէ…

 

-- Հնչակ, դաշնակ նոյն շունին լակոտներն են, պէյ էֆէնտի։ Իմ կարծիքով պէտք է գոհանալ այսքանով։ Ժողովը լսեց այս խոստովանութիւնը։ Այլեւս իրենց անձը մեզ չի շահագրգռեր։ Կը մնայ ճշդել անոնց ոճիրներուն շարքը, գտնել անոնց ընկերները։ Ով գիտէ որքա՜ն անմեղ իսլամ սպաննած են մինչեւ հիմա։

 

Այս միջամտութիւնը ըրաւ մինչեւ այդ րոպէին անխօս երրորդ ժողովականը` նենգ ու գիշախանձ դիմագիծով մարդ մը։ Միջահասակ ու գէրի վրայ, բայց անհանգիստ արտայայտութեամբ, յաճախ ժամացոյց հանող։ Այս անհամբերութիւնը կը յայտնէր իր մէջ ժողովական բարքերէ իր օտարութիւնը։ Մեծահարուստ վաճառական արմտիքի, Ջարդերէն յետոյ յանկարծ աճեցուցած էր իր գործառնութեանց շրջանակը, արմտիքի շուկայէն տարագրելով յանդուգն հայերը, ահաբեկումով ու գրաւումով։ Իր յաջողութիւնները զինքը ըրած էին աւելի պահանջկոտ ու կը ձգտէր սիսթեմ ի վերածել իր գործելակերպը, տնտեսական ջարդ մը, չորցնել հայերուն տնտեսական աղբիւրները` անոնցմէ խլելով իրենց առուտուրի շուկաները։ Լաւագոյն միջոցներէն մէկը հայերու երթեւեկին համար հնարուած նոր խստութիւննե՛րը։ Գաւառէ գաւառ անոնց ճամբորդութիւնները այդ կազմակերպութեամբ կ’ըլլային փորձանուտ, եթէ ոչ՝ անհնար։ Մայրաքաղաք մուտքը՝ վճռապէս անհնար։ Մինչեւ որ բոլոր նահանգները որդեգրէին այս եղանակները, անիկա սկսած էր գործի, օրինակը տալով իսկական նուաճումին, որմէ ազատած էին այդ կեավուր ները իրենց՝ թուրքերուն անխելքութեամբ։ Այս մտայնութեամբ անմիջական հետեւանքներ չուշացան։ Օրինական ու ձեւական գետնի վրայ, առանց ոչ ոքէ անհանգիստ ըլլալու, սա հալածանքը պարպեց Պրուսայի շրջանին ագարակները իրենց հայ աշխատաւորներէն։ Այս ագարակներուն վարիչները, ընդհանրապէս վարժարան աւարտած հողագէտ հայեր, քշուեցան` իրենց գլուխները հազիւ ազատելով։ Վաճառականը իր կալուածէն շուտ տարածեց ինքզինքը դուրս։ Հետապնդումը նկատի ունէր դրամի տէր հին օրերու [106] «խմորով» հաճաղաները, որոնք հայ գեղերու մէջ կը վայելէին կառավարութեան վստահութիւնը, գաւառակներու տասնորդատուրքը կապալով գնող։ Փոքր՝ բայց անդադրում յարձակողականով մը զանոնք նետեց դուրս այդ [107] գործառնութիւններէն, [108] գիւղացիները գրգռելով, բողոքի մղելով ու դատարան քաշքշելով անաստուած կեավուր ները։ Այս յաջողութիւնները անշուշտ չուշացան պաշտօնապէս վարձատրուելէ։ Թուրքերը խոր ատելութեամբ ու անզիջող վրէժով մը կը դիտէին քրիստոնեային «ընծայուած» դիւրութիւնները   --դուք հասկցէք տարրական արդարութիւն--    միւսլիւմաններու կողմէ։ Փոխադարձաբար ամէն կեղեքիչ օր մը ազգային բարերար է անոնց մօտ։ Եղաւ անիկա [109] նախագահը նահանգին առեւտրական սենեակին, նուրբ կտաւով մը ֆէսը երիզած, ու հազիւ յօժարած մէջքէն հանելու շալ գօտին։ Անիկա երկրին բոլոր աղբիւրներուն, ի մասնաւորի ճարտարարուեստին թրքացումը, դեռ այդ օրերէն, կը դաւանէր պետական­քաղաքական ձեռնարկ, հաւասար Ռումէլիի գրաւման։ Առայժմ տէրն էր արմտիքի շուկային, մեծատարած խան մը, ութ դուռներով, քառակուսի, [110] փոքր գիւղակի մը մեծութեամբ, ուր ջորիներու եւ ուղտերու կարաւանները կը ստեղծէին մշտական ամպ, եւ չափողներու աղմուկը՝ մնայուն դժոխք։ Ինքնաբուխ [111] բռնակալ, խորամանկ    --անիկա կործանեց բոլոր հայերը` անոնց արմտիքը փտեցնելով անձրեւի եւ արեւի տակ։ Մրցակցութիւն չէր ասիկա, այլ՝ վրան-բաց [112] աւազակութիւն, զոր կրօնքը, ազգամիջեան ատելութիւնը կրողներու միամիտ մոլեռանդութիւնը կը տանէին գեղեցիկ ու նենգ թրքութեան։ Կառավարութիւնը չէր ուզեր միջամտել անոր արգելքներուն, պոյքոթ ի նախնական ձեւեր, [113] չխանգարելու համար անհատներու ազատութի՜ւնը, որ այնքան անկաշկանդ կը յարգուէր օսմանեան տէրութեան բոլոր սահմաններուն [114] մէջ։ Անոր մեծագոյն մտահոգութիւնն էր [115] միջոցներ ստեղծել մետաքսի ճարտարարուեստը կորզելու հայերուն ձեռքէն։ Հանրային Պարտուց Ընդհանուր վարչութիւնը, կեավուր եւ ատելի կազմակերպութիւն, Պոլիսով եւ, մա՛նաւանդ՝ քանի մը կաթոլիկ հայերու ազդեցութեամբ, հազիւ կրցաւ ահաբեկումը արգիլել, այսինքն՝ անոր թրքական ձեւը։ Իր դրդումով մանարաններ, անոր բանուորները ենթարկուեցան նախատինքի, քարկոծումի։ Բայց ռուսական հիւպատոսին ազդու դիմումը խեղդեց այդ շարժումը։ Արմտիքի վաճառականը չյուսահատեցաւ սակայն։ Մրցումը տարաւ առաջ՝ կառուցանելով չորս հատ մեծ ու նոր տիպար մանարաններ, որոնց վարչութիւնը, աշխատաւորական կազմակերպութիւնը պարտաւորուեցաւ «ժամանակի մը համար» յանձնել հայերու։ Հարկ չկայ աւելցնելու, որ այդ առժամանակեայ վարչութիւնը պիտի տեւէր մինչեւ տարագրութիւն։ Այս պարտութիւնը զայն առաջնորդեց ուրիշ ձեռնարկներու։ Իր դրամին գործածութի՛ւնը ատիկա։ Մեծաքանակ ոսկի կը գնէր ու կը ծախէր իր ինքնատիպ դրամատան մէջ, ցորենի խանին մէկ անկիւնը փոշոտ սենեակ մը։ Անոր նենգութի՜ւնը, գրեթէ աննշան տոկոսով դրամ փոխ տալու։ Խոզակի բերքը իր առատ ամսուն հազարաւոր ոսկիներու կարօտ կը ստեղծէ։ Խորամանկ թուրքը տրամադրեց իր չոր դրամը, գրաւի փոխարէն ու վճարումներու պահուն երեւան բերաւ իր նպատակները։ Դատական արագ վճիռներով   --դատաւորները, մի մոռնաք, թուրք են, ու պարտականը՝ հայ-- անիկա ծախեց գրաւի տակ ապրանքները` նեղը ինկած վաճառականները տասը ոսկիի համար սնանկ հռչակելով։ Հաշիւի ու նենգութեան մարդ՝ արագ գործառնութիւններովը ահ տարածած, ատելով բոլոր ոչ­թուրքերը, ամէնէն շատ անշուշտ հայերը, այդ Հարաճզատէ Սէլիմ էֆէնտին խելքի եւ գործի ընկերն էր Օսման պէյին, անոր պէս չմոռնալով գոնէ երկու նամազ, համրիչները, հայհոյութիւնը, մտասեւեռեալ [116] անգթութիւնները։ Ազգային խնդիրներու մէջ անիկա անխելք էր ու միամիտ, վասնզի չունէր ժամանակ գոնէ թերթ մը կարդալու, թաղապետական պարտէզին քազինո ն քանի մը ժամ քաղաքականութիւն ընելու եւ լսելու, ու կը հաւատար ինչ որ թաղին իմամը կամ ջարդուփշուր մոլլա-քեաթիպները կը քշէին իրեն, հայերու հասցէին։ Եւ ունէր կարծիքը իր ուղտապաններուն, որոնք այդ կարծիքը կը բերէին խուլ, մռայլ գեղերէն, կուսակալութեան տարանկիւն վայրերէն, ուր հայն ու յոյնը անծանօթ են իբր ազգ ու հաւատք, այնքան փակ է հորիզոնը այդ մարդոց միտքերուն։ Ուղտերու փոխադրած [117] այս քաղաքական իմաստութիւնը, որ հրաշքով առաջնակարգ կը դառնայ առեւտրական սենեակի նախագահներուն։ Հարցը, որքան ալ տարօրինակ, ունի իր զուարճալի կողմը։ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ [118] հարիւրէ աւելի վաճառատուններու վարիչ ու զինադադարին, այդքան կործանումէ ետքը, տակաւին մեծատաղանդ անգլիացի առեւտրականներու հետ յաջողութեամբ մրցող Իբրանոսեան հաճի Մարուքէ աղան չէր գիտեր, թէ Պոլսոյ մէջ հայերէն լրագիր ըսուած բաներ ալ կային։ Տիպարը այս մասնաւորումները ունի անտարակոյս։ Բայց ասկէ զատ չմոռնալ, որ Հարաճզատէ Սէլիմ էֆէնտին, այդ կտաւին վրայ թուրք ըլլալու առաւելութիւնն ալ կը բերէ։ Թուրքին միամտութիւնը կամաւոր է գուցէ։ Գուցէ եւ արդիւնք՝ քիչիկ մըն ալ, իր [119] նախնական ուղեղին։ Այնպէս որ, փաստուած իրողութիւններ էին բոլոր եղջերուաքաղները, զորս անոր կը մատուցանէին մոլլաներն ու ուղտապանները, մորթուած եւ եփուած հազար­հազար իսլամներէ։ Պոլսոյ ոստիկանութեան նախարար Նազըմ փաշայի յիշատակները փայլուն փաստերը չբերի՞ն, քառսուն տարի յետոյ դէպքերէն, թէ կազմակերպողները ի վերջոյ իրենց հնարած սուտերը իրենք շփոթած էին իրականութեան հետ եւ Ջարդերու վարիչ նախարար մը իր յիշատակները գրի առած պահուն ինքզինքը կը դարձնէր վկան [120] այդ օրերու իրական մտայնութեան։ Ի՛նչ որ գրած է Նազըմ փաշան, 96ի միտքերուն հարազատ հայելին է, անշուշտ հզօր կեղծիքով մը վարագուրուած, ուր չի զօրեր թափանցել աչքը նոյնիսկ եւրոպացիներուն։ Եղան ամերիկացի միսիոնարներ, որոնք Ջարդերէն յետոյ պտտեցան մաքրուած փողոցներէն, ու իրենց թերթերուն մէջ գովեցին թուրք շուկաներուն տիպար մաքրութիւնը։ Անոնք չկասկածեցան, թէ ջարդուած քաղաքին այս սալարկներուն վրայ ժամ մը առաջ մարդկային արիւնը հոսեր էր առատ։ Ու այդ արատը սրբող ջուրը կը սրբէր նաեւ ոճիրը այդ մարդերուն։ Հարաճզատէ Սէլիմ էֆէնտին կրկնեց իր հարցումը։

 

-- Քանի՞ հազար անմեղ իսլամ սպաննեցիք։

 

Այն ատեն թուրք բառը չունէր այսօրուան վարկը. ընդհակառակն, վիրաւոր ալ էր եւրոպական լեզուներու մէջ իր խորհրդանշած բարբարիկ իմաստով։

 

-- Եւ ոչ մի հատ։

 

-- Քանի՞ հազար անմեղ մանուկ պարկերու մէջ դրած ծով թափեցիք։

 

--

 

-- Քանի՞ հազար ծերեր սղոցեցիք։

 

--

 

Դժնդակ այս հարցաքննութի՜ւնը, որ կը նեղէր ունկնդիրները, ո՛չ անշուշտ ամէնուն ծանօթ իր հոյակապ սուտովը, այլ՝ թերեւս անբանութեանը համար բարձր ատեանի մը ժողովակիցին կողմէ։

 

-- Հայվա՜ն, տղայ կը խաբէ, լռելով։

 

-- Էդ էլ ձեր գիտնալիքը։

 

Մաթիկը նուրբ էր իր այս հեգնութեան մէջ, զոր ուղտապաններէ դաստիարակուած սա վաճառականը հեռու էր նոյնիսկ կասկածելէ։

 

-- Ի՞նչ էր ձեր նպատակը այս կողմերը գալով։

 

-- Գիտէք։

 

Մաթիկը լաւ չէր գիտեր, թէ ինչու կը պատասխանէր այս ցնդաբանութիւններուն, ի՛նք՝ որ «կուշտ» էր «էդ ամէնից»։ Պա՞հը, ներքին ազդմո՞ւնք մը, խօսելու պահա՞նջ մը։

 

-- Ի հարկէ գիտեն։

 

Շոյեց մօրուքը Օսման պէյզատէ Օսման պէյը։

 

-- Օսմանեան արդարութիւնը քարերն անգամ կը հանէ լեզու, եթէ կամենայ։

 

-- Այդ մէկն էլ ճիշդ է…

 

Թեթեւ ժպիտով, որ վատ տպաւորեց ժողովականները։

 

-- Ինչո՞ւ կը լռէք։

 

-- Որ գիտէք…

 

-- Գիտենք անշուշտ, բայց օրէնքը կ’ուզէ, որ լսենք ձեր բերանէն։

 

-- Մեր բերանին տեղ, կարդացէք, էլի՛, էդ մարդուն սեւացրածները։

 

-- Ուրեմն ճի՞շդ է, որ դուք եկած էք հոս, կազմակերպութիւն կատարել, օսմանեան հայրենիքին մէկ մասը հանելու համար օսմանեան իշխանութենէն եւ կազմելու անջատ կառավարութիւն։ Անկախ Հայաստանին մէջ։

 

Մաթիկը տրտում՝ շրջեց աչքերը գետին։ Անհուն հեգնութիւն կար հազարապետ փաշային բանաձեւած սա հարցումներուն մէջ։ Հարցը տուողը գիտէր ատիկա։ Ու գիտէր նաեւ անոր ազդեցութիւնը յեղափոխականներուն վրայ, պոլսական իր փորձառութեանց մէջէն։

 

-- Ունի՞ք այդքան ուժ։

 

Հաստ, իրա՛ւ՝ Օսման պէյզատէն իր հարցումին մէջ, որ չէր հասկնար քաշքշուքը իր ընկերոջ։

 

-- «Ունին իրենց սիրտերը»։

 

Ժողովականները կրկին չհասկցան պատուիրակ փաշային այս նախադասութիւնը, որ յիշատակ մըն էր անոր մէջ միամիտ մշեցի յեղափոխականէ մը։ Բեռնակիրը, հաւատաւոր, արդէն մահուան լոյսերուն մէջը, դանակին տակ լռելէ առաջ, «ո՞ւր է ձեր ուժը» հարցումին ցոյց տուած էր իր սիրտը` ընդունելու համար նոյն րոպէին դաշոյնին սայրը ճիշդ սրտի տունին։ Պատկերը չէր մոռնար անիկա։

 

-- Ճի՞շդ է, որ այդ նպատակին համար ղրկուած էք հոս. դրամ կը հաւաքէք, որ զէնք ու թնդանօթ գնէք. մեզի հաւատարիմ հայերը մեր դէմ կը գրգռէք ու անոնց փճացումին պատճառ կը դառնաք։ Դուք չէ՞ք վախնար Աստուծմէ, որ հաշիւ պիտի պահանջէ ձեր ոճիրներէն, մեզմէ ետքը, ձեր «մունտառ» հոգիներէն։

 

Այս հարցումները եւ մտածումները կը պատկանէին Օսման պէյին։

 

-- Ասացէք, խնդրեմ, ի՛նչ բանի համար։

 

-- Անմեղ մարդերը փճացնելնուդ համար։

 

-- Ախր, մենք չենք մեր ազգակիցները սպաննողը։

 

-- Ով է եա՜։

 

-- Դո՜ւք։

 

-- Մե՜նք… Աստուա՜ծ չընէ… Աստուա՜ծ չընէ…

 

Օսման պէյը շոյեր էր իր մօրուքը։

 

-- Բայց պատճա՞ռը։

 

-- Ո՜վ երկնային միամտութիւն, ինչպէս ասում է գաղիական առածը։

 

-- Ճի՞շդ է, որ մարդեր ունիք, զինուած ձեր միջոցներով, Պոլսոյ մօտ գիւղերու մէջ, որոնցմով ծրագրած էք յարձակում գործել Պոլսոյ վրայ։

 

-- Ախր, դո՞ւք էլ հաւատում էք դրան։ Էդ էծ­մօրուքի հնարած իմաստութիւնն է…

 

-- Հարցը հոդ չէ։ Մենք կը հարցնենք քեզի. ճի՞շդ է, որ գրաւել կ’ուզէք Օսմանեան Պանքան։

 

-- Երկրո՞րդ անգամ։

 

-- Ինչո՞ւ չէ։ Սո՞ւտ է ուրեմն, որ կ’ուզէք գրաւել Եըլտըզի պալատը։

 

Մաթիկը ժպտեցաւ։

 

-- Եթէ ոչ պալատը, գոնէ՜ մայրաքաղաքը։ Եթէ շարունակէք հարցնել էդ ուղղութեամբ, լռում եմ։

 

-- Լռութիւնը հաւաստում կ’ընդունի մեր օրինագիրքը։

 

-- Էդ լաւ ասացիք։ Ասացէք խնդրեմ, ձեր էդ օրինագիրքը տրամադրո՞ւմ է մի ինչ­որ պատիժ եղջերուաքաղի համար։ Եթէ այո՛, պահանջում եմ հենց էս րոպէիս նրան գործադրութիւնը ձեր բոլորին նկատմամբ։

 

-- Մենք քեզ կը հարցաքննենք։ Քու իրաւունքը միայն մեր հարցումներուն պատասխան տալն է։

 

Հարաճզատէ Սէլիմ էֆէնտին ամէնէն նշմարելի արարողութեամբ մը ժամացոյց նայեցաւ։ Գործի՜ մարդ։ Կը մեղքնար անցած թանկ վայրկեաններուն։

 

-- Ճի՞շդ է, որ ձեր ծրագիրներուն մէկ մասին գործադրութեան համար ձեզի օգնած է Ս. գիւղին մուխթարը։

 

-- Էդպիսի մէկը չենք ճանաչում։

 

-- Ճի՞շդ է, որ պոմպա եւ տինամիթ բաշխած էք գիւղացիներուն։

 

-- Էսպիսի բան հենց էդ էծ­մօրուքն ալ չէր հնարած։

 

-- Ճի՞շդ է, որ խաղողի կողովներուն տակ դրած էք այդ անիծեալ զէնքերը։

 

-- Հարցուցէք միւսթանթիգ էֆէնտիին։

 

-- Ու Եալովայէն փորձած էք այդպէս բեռնաւոր նաւերը քշել Պոլսոյ վրայ։

 

-- Մենք Եալովա չենք եղել։

 

-- Ճի՞շդ է, որ ծակած էք սերկեւիլները եւ վարպետութեամբ մէջը լեցուցած տինամիթին փոշին։

 

-- Ա՛խր, ինչե՜ր էք հնարում, ձեր տունը չքանդուի…

 

-- Ճի՞շդ է, որ թնդանօթ ձուլելու արհեստը սորվեցուցած էք Թորոս օղլու Թորոս դարբինին։

 

-- Քրուփի ֆապրիկների մոտէլներից անշուշտ։

 

-- Ո՞վ է ադ Քրուփը։

 

-- Հարցրէք փաշաներին, որոնք Գերմանիա են եղել։

 

-- Դարբին Թորոսը ինքը խոստովանած է արդէն։

 

-- Էն ո՞ր առիւծն է, որ չէ խոստովանած ինչ որ ուզել էք դուք, միւսթանթիգ էֆէնտի։

 

-- Դարբին Թորոսին վկայութիւնը հաստատուած է Տէլի փազան օղլու Տէլի Ստեփանին ալ կողմէ։

 

-- Չենք ճանչնար էդպիսի մի Ստեփան։

 

-- Կառապանը, որուն կառքը ունէր զոյգ ձի, մէկուն գոյնը սրճագոյն, ճակտին ճերմակ պիսակով, միւսինը՝ սեւ, առանց պիսակի։ Կառքն ալ՝ գնուած Պրուսայէն Արաբզատէ Ահմէտ աղայէն։

 

Հազարապետը տրտում, աչքով չափեց շատախօս դատաւորը, որ չէր հասկնար, թէ ծիծաղելի էր եղած։

 

-- Որ ձեզ պտտցուցած է Իզնիկի լիճին երկու ափերու բոլոր կեավուր գիւղերը։

 

-- Մենք կառք չենք նստել։

 

--   Նալէ՜թ քէօր շէյթան [121] նալէթ…

 

Պարբերութիւն՝ որ կը փոխարինէր միւսթանթիգ էֆէնտիին շրթները հասած հայհոյութիւնները, երբ ըլլային ասոնք չափազանց անպատկառ։

 

-- Ճի՞շդ է, որ Ս. գիւղին Փափազ էֆէնտին ձեզ վռնտած է իր տունէն։

 

-- Չենք տեսել նման մարդ։

 

--   Հընզը՜ր։ Տղայ կը խաբէ։

 

Միւսթանթիգ էֆէնտին հազաց խոշոր։ Բերանը չորցեր էր։ Բայց շարունակեց պեխերուն թուքը ափովը չորցնելէ յետոյ.

 

--   Ճի՞շդ է, որ Սուղում օղլու Սուղումը ձեր հրամանը գործադրած է, սպաննելով տէրութեան հաւատարիմ Նալպանտ օղլու Սերոբէ էֆէնտին։

 

--   Չենք ճանաչում էդպիսի մարդ, ասել ենք մի անգամ։ Ինչո՞ւ կրկնւում է նորից։

 

-- Հայվա՜ն։

 

--   Այո՛։

 

Հզօր այս հաստատականը, որուն հեգնութիւնը զգացողը հազարապետ [122] փաշան էր միայն, քիչ­շատ հայերէն բառեր ճանչնալուն, որոնցմէ՝ այդ այո ն։

 

-- Ըսէք անունները անոնց, որոնք Քաֆքասէն ձեզ հոս ղրկեցին։ Ու անոնց՝ որոնք ձեզ հոս բերին։

 

-- Մենք ենք եկել։

 

-- Ի՞նչ միջոցներով եւ որո՞նց առաջնորդութեամբ։

 

-- Մեր ոտքերով։

 

-- Նորէն հո՜ն, ուրկէ որ սկսած էինք։ Քար ըլլայ մարդ, կը ճաթի այս քեաֆիրներուն դէմ։

 

Սուքիաս էֆէնտին իր նախաձեռնութեամբը.

 

-- Սխալ կ’ընէք լռելով, պարոն Մաթիկ։ Խոստովանութիւնը կ’ըլլայ աւելի օգտակար։

 

-- Ուրիշ բան չենք գիտեր։

 

-- Մտածեցէք լա՛ւ։ Անսահման է մեր օգոստափառ կայսեր գութը, կը կրկնեմ ասիկա։

 

-- Ես ասացի իմ բոլոր ասելիքները, ազնիւ հայրենակից, ու լաւ է, որ լռէք։ Ահա ես լռում եմ։

 

-- Հայվա՛ն։

 

Միւսթանթիգ էֆէնտին, երկար, համոզուած, ու արձագանգուն, թուքերը թռցնելով թուղթերուն։ Պաշտօնական ատեանի մը առջեւ ամէնէն անմեղ որակակա՜նը։ Փորձառաբար կը ճանչնար արժէքը Մաթիկի սպառնալիքին։ Անգամ մը այդ որոշումը տալէն ետքը, հընզըր ը հոգին կու տար, բայց ոչ մէկ բառ։ Ջորիէն աւելի դիւրին էր լեզու ստեղծել, քան այդ ճանավար ներէն։

 

Դատավարութիւն չէր անշուշտ սա բացառիկ ժողովը, որ կը գումարուէր տնավարի ձեւերով եւ ճնշումին տակն էր Պոլսոյ իմաստուններուն։ Անգամ մըն ալ հազարապետ փաշան հաստատեց ատիկա ինքն իր մէջ։ Իրմէն զատ միւս ժողովականներն [123] ալ իրենք զիրենք կը նկատէին անկայուն հողի մը վրայ. ու ասիկա անոր համար, վասնզի ամէնուն մտքին մէջ վճիռը որոշ էր սա հայերուն։ Վարչական եղանակը, սիրական բանաձեւ, ատիկա կը թելադրէր իրենց դեռ սա մարդոց ձերբակալման օրէն իսկ։ Յապաղած էր վճիռին գործադրութիւնը նոր յայտնութեանց յոյսով։ Ոստիկանութիւնը բախտաւոր չէր եղած։ Այնպէս որ, հոս կատարուածը [124] տեսակ մը դիմակահանդէս էր, գոհացում տալու համար Պոլսոյ պահանջին։ Հազարապետ փաշան միայն հետզհետէ կը համակրէր Մաթիկին, որուն սրամտութիւնը, պարզութիւնը, վճռականութիւնը տպաւորեցին զինքը։ Մինչ հարցաքննութիւնը կ’ընթանար սա ցատկտուն, անլուրջ ձեւով, անոր մտքին մէջ կը ճշդուէր երկրորդ տիպարը յեղափոխականին, խելացի եւ վճռական, որ մինակ գեղեցկութիւնը չունէր եսին հոգեյատակ։ Այդ տղուն մէջ ուշագրա՛ւը՝ ձեռներէց ոգի՛ն, որ զայն բերած էր հոս, Կովկասէն` այնքան լաւ կազմակերպուած ոստիկանութեան մը ուռկաններէն անցնելով անվնաս։ Այդ ոգին, դժուարութեան դէմ աւելի եփուն, աւելի վստահ, մօտիկն էր, եթէ ոչ աւելի ան միւսներուն, որոնք 96ին դէպքերուն յարձակում էին ըրած Օսմանեան Պանքային վրայ։ Կուսակալները այդ օրերէն ասդին խստացուցած [125] էին իրենց հսկողութիւնները։ Ու ահա մարդեր, որոնք քսանէ աւելի կուսակալութիւն կոխած­անցած էին` մօտենալու համար Պոլսոյ։ Խենթե՞ր, այս մարդիկը, թէ իսկապէս կազմակերպութեան մը պատկանող առաքեալներ։ Հազարապետը չէր կրցած վճռական որոշումի մը յանգիլ։ Հարցաքննութիւնը ոչինչ էր տուած։ Հազարապետը գիտէր ատիկա։ Քանի մը տարի ետքը, Եըլտըզի դէպք ին թուրքերը որդեգրեցին աւելի շահեկան մեթոտներ, որոնց կազմաւորումին մէջ դեր ունեցաւ հազարապետ փաշային սա անդրանիկ վրիպանքը։ Անոր մտքին մէջ մարմին եղաւ իր փափաքը, ճակատ ճակատի, նման մարդոց հետ վարելու լայն խօսակցութիւն մը, որ, կը խորհէր, պիտի լուսաբանէր երկու ժողովուրդները, աւելի յստակ իրար չափելու։

 

--   Յետո՞յ։

 

-- Լռում եմ։

 

Ու եղաւ միւսթանթիգ էֆէնտիին այնքան մեծցուցած լռութիւնը, որ կը կոտրէր բոլոր կամուրջները։ Մարդուկը, յուսակտուր, դարձաւ ժողովականներուն.

 

-- Վեսսելամին ամին [126] ։

 

Ձաբռտո՞ւք [127] այս ամէնը։

 

-- Գուցէ՜, երբ դատավարութիւն ըսուած հիւանդութիւնը դնենք ուրիշ լոյսի տակ։

 

Բայց տարբեր չեղաւ հարցաքննութեան եղանակը յեղափոխական դատող ատեաններուն, մա՛նաւանդ գաւառներու մէջ, «Անկախութեան դատարան» անունով ծանօթ թուրքերուն վերջին ոճրապատումէն առաջ։ Արագ, կարճ, իսկապէս յեղափոխական, այսինքն՝ այս տիպարին համար ձեւուչափուած արդարութիւնը սա դատաւորներուն, որոնք իրենց խղճին հնազանդելու երդումը տալէն ետքը, կնքուած պահարաններու մէջ իրենց քննած դատերուն համար Պոլսէն տպագիր [128] վճիռ կը ստանային։

 

Ձաբռտո՞ւք [129] ։

 

-- Դուք գտէք բառը։

 

Բացի պատուիրակ փաշայէն, որ պաշտօնական իր պարտականութեան հետ ունէր շահագրգռական այլապէս բարդ տուեալներ, ի մօտոյ մեզի համար պարզ, միւսները չնայեցան իսկ տղոցը երեսին, շէնք­շնորհք։ Օսման պէյին ծեծը թրքութիւն է պարզ ու բացայայտ։ Յանցաւորները մեղքը գործեր էին բռնուած ըլլալու։ Անոնց դատապարտութեան մէջ ոստիկանական երանգ մը այդ մարդիկը չէր կրնար խանդավառել, քանի որ չարչարանքը առաջին մէկ օրէն իսկ մնացած էր ապարդիւն։ Եւ ուրախ էին, վասնզի յանցաւորներուն օտարոտի ծագումը եւ յիմարական լռութիւնը անօգուտ կը դարձնէին ուրիշ մաս մը աշխատանք, արարողութիւն եւ զգուշաւորութիւն։ Հիւպատոսական մարմին մը գոյութիւն ունէր այդ քաղաքին մէջ։ Ու ֆրանսացի հիւպատոսը, քոմանտան փաշային յաճախակի հիւրերէն, բարեկամ էր, նոյն գիծով, հայոց առաջնորդին։

 

Հարցաքննութիւնը կատարեալ ձախողանք մըն էր։

 

Անկէ առաջ, քոմիթա ներու թղթածրարը, ձերբակալուած գիւղացիներուն վկայութիւններովն ու ծննդաբանութեամբը, հակասական ու յիմար, կը դառնար իր խակ ու արտառոց նկարագրին, որմէ ջանք էր ունեցած զայն ազատել հազարապետը ` ջնջելով մեծաքանակ ապուշութիւն։ Նոր հարցաքննութիւնը վրիպած էր անով, որ չէր բերեր ոչ մէկ նպաստ, Պոլսոյ կողմէն տրուած հիմնական հարցին, այս մարդոց ետին գործող կուսակցութիւնը երեւան հանելու տեսակէտէն։ Այս ճամբով, անլոյծ էր առաքելութիւնը [130] պատուիրակ փաշային։ Ուրե՞մն։

 

Քոմիթա ները այլեւս տէրը կը դառնային իրենց կանխորոշ ճակատագրին, որ մահն էր, կախովի կամ հեղձովի։ Թուրքերը ատոր ընտրութեան մէջ շատ ալ չեն նեղուած։ Ջարդի շրջաններուն, սպանութիւնը զուարթ ու քաղցր պարտականութիւն է, զոր կը հատուցանեն իրենց հայրենիքին, հանդիսաւոր ու գեղեցիկ։ Միջնարարներուն, սպանութիւնը տնավարի իրացում մըն [131] է, զոր ոստիկանները, զօրքը, առնուազն բանտարկեալները կը փնտռեն յայտնի հաճոյքով։ Վա՞խ։ Սուքիաս էֆէնտիին միջամտութիւնը բան չէր փոխեր այդ մահուան որոշումէն։ Վասնզի Մաթիկին ռուսահպատակութիւնը անցած էր աննշմար խելացի քարտուղարէն։ Ճարտար դիւանապետը բաւական թուրք չէր, այսինքն՝ չափազանց հայ էր, քաղաքական անցուդարձերէ օգտուելու իր ապիկարութեամբը։ Մերինները քիչ­շատ դէմք տուած են նոր ժամանակներու մեծագոյն ասպարէզներուն։ Բայց ոչ մէկ դիւանագէտ։ Այս գիտութիւնը չէ յաջողուած հայերուն, որոնք, այդ մարզին վրայ, անճարակ բանագնացներ միայն եղան՝ օտարներու հաշուոյն աշխատող։

 

Յետո՞յ։

 

Հազարապետ փաշան կը կշռէր եղանակը այս մարդոց մաքրագործումին։ Այս մտահոգութեամբը անիկա կը զատուէր իր ընկերներէն, վասնզի կը ճանչնար մօտէն իր վեհապետը, ու անոր խորշանքը քաղաքական աղմուկէ։ Բռնակալները կը նմանին մութի թռչուններուն։ Կը նեղուին լոյսէն ու ձայնէն։ Անիկա կ’ուզէր իր գլուխը քիչիկ մը հանգիստ։ Անոր ուղեղէն անցան կարգ մը բաներ, պղտոր ու անշրջագիծ։ Իրեն այնպէս թուեցաւ, որ այս «սրբագրութիւնը» (թուրքերէն բառը՝ թէմիզ ) ծրագրուած էր իր մանրամասնութեանց մէջ, տեղովը, ձեւովը, մասնակցող ոստիկաններուն եւ աւագ դերակատարներուն անունովն ու թիւովը։ Արդէն անցողակի անոր հասցուած էին գլխաւոր գիծերը «ձեռք առնուած անհրաժեշտ միջոցներուն», ինչ որ ոճրագործներուն բարբառով հոմանիշ էր մահուան։

 

Յետո՞յ։

 

Խուլ ցաւ մը, պատուիրակ փաշային մէջ, այս մարդիկը «առանց պարպելու» մահուան յանձնելը։ Ասիկա իրական իր պարտութիւնն էր, զոր զգալու մէջ եղաւ նուաստ ու արդար։ Այդ մարդերը կը մեռնէին ու չէին խօսեր։ Չէին խօսած միւսթանթիգ ներուն եւ Օսման պէյերուն մեթոտներովը։ Կը մնար միւսը, նուազ թուրք, բայց [որ] [132] մեթոտ մըն էր.

 

-- Այս մարդերը հողին ղրկելէ առաջ, փորձել վրանին տաճկական քաղաքավարութիւնը։

 

Այս տխուր, միամիտ որոշումը, ժողովին վրիպանքէն յետոյ, անոր աչքին ներկայացաւ իր ամբողջ միամտութեամբ։

 

Հազարապետ փաշան թուրք էր, այսինքն՝ խորքին մէջ նանրահաւատ ու սնապաշտ, որ վարկ կու տայ մինչեւ այսօր ժժմակներուն եւ փչողներուն։ Աւելի՝ Գերմանիա ուսած զինուորական, այսինքն՝ չյոգնող հետազննութեան սիրահար ոգիի մը պատուաստը առնող։ Աւելի՝ մասնագէտ ու դասախօս Արեւելեան Խնդրին, զոր կը դասախօսէր զինուորական վարժարանի մը մէջ, Պոլիս, գերմաններուն մանրակրկիտ հետեւութիւններէն վեր, անոր մէջ շահեկանութիւնը այդ հարցին ետեւէն [133], զոր կ’ընդունէր մահու եւ կենաց խնդիր մը թուրք կայսրութեան համար։ Անոր լուծումը՝ տիրապետումն էր Ասիոյ։ Այսպէս ըմբռնուած, Ասիոյ Արեւմտեան Ճափոններուն համար (ինչպէս [134] չեն կշտանա՜ր [135] իրենք զիրենք կոչելէ, եւրոպական մշակոյթը ազատելով քրիստոնէութեան հմայքէն եւ իսլամութիւնը արժեւորելով աւելի քան պուտտայականութիւնը եւ կռապաշտութիւնները Նիբոններուն [136] ) Արեւելեան Խնդիրը թուրքի եւ ռուսի դարաւոր գօտեմարտին շարունակութիւնն էր։ Ուր, յաղթանակի հնարաւորութիւն մը, թուրքերուն համար, կը դառնար խնդրական, առանց զօրաւոր պաշտպանութեան։ Գերման բարեկամութիւնը, որ համիտեան ռէժիմին քաղաքական ամենաբարձր բարեխառնութիւնը եղաւ, արդիւնք էր այդ տեսութիւններուն։ Անգլիական քաղաքականութենէն հեռացում մը, այդ ռէժիմին սկիզբները անկարելի (վասնզի այդ կրթութեամբ տոգորուած պաշտօնատարները դժուար կ’ըմբռնէին այդ փոփոխութեան պէտքը, մա՛նաւանդ օգուտը), հետզհետէ պիտի վերածուէր կատարուած իրողութեան, երբ սպաները գերման մեթոտներուն հետ, երկիրը հերկող քաղաքականութիւնն ալ Պերլինէն Պոլիս բերէին [137] ։ Ասիական մեծագոյն պետութիւնը, թուրքին ժառանգական ոսոխը։ Ռո՜ւսը։ Անշո՛ւշտ։ Բայց չէր բաւեր ատիկա յեղյեղել ու հայհոյելով գոհանալ այդ ժողովուրդին։ Պէտք էր զայն ճանչնալ, ինչպէս կը պահանջէին գերմանները, որոնց լրտեսական կազմակերպութիւնը օժտուած էր ցեղին յատուկ մանրախոյզ կատարելութեամբ։ Ամէն սպայ, գերման մարզանքներու մէջ կը սկսէր ճանչնալ, պարտաւոր էր ճանչնալ այդ ժողովուրդը։ Ու թշնամին ճանչնալու ամէնէն բնական եւ օգտաւէտ եղանակը՝ տիրանալ անոր լեզուին եւ աւանդութիւններուն։ Գերմանիոյ մէջ հազարապետ Մեհմէտ պէյը   --փաշա չէր տակաւին--   երեք տարի խղճամիտ հետեւող մը եղաւ գերմաններէն հաստատուած ռուսերէն դասընթացքին, թանձր ու խճող մեթոտներով, որոնք կը կռթնէին խորունկ փորձառութիւններու եւ կը յանգէին անպայման վրէպի՝ եթէ գերման ամենահաս միտքը խորհած չըլլար ուրիշ ալ ուղղութեամբ` այդ լեզուն հաճելի ընծայելու հաճոյասէր թուրքերուն։ Գերման սպարապետութիւնը իր տրամադրութեան տակ կը պահէր բանակ մը աժան աղջիկներու, Վարշավիայի գռիհներէն։ Ասոնց էր վստահուած ռուսերէնի խօսելավարժութիւնը, զոր կը սորվեցնէին բաւական դժուարութեամբ, տրուած ըլլալով զգայարանքներու այլամերժ չկամութիւնը հանդէպ երկրորդական նպատակներու։ Մեհմէտ պէյը, [138] դիւանական ասպարէզի կանխադիր գիտուն, սորվեցաւ լեզուն յամառ աշխատանքով։ (Թուրքերուն մեծամոլութիւնը զանոնք ոյծ ըրաւ օտար լեզուներու ուսումէն)։ Այդ աղջիկները, թաւշային ու նուաղկոտ իրենց հրապոյրներուն մէջ, հեշտանքի նրբախոյզ մասնագիտութեան կը միացնէին ինչ որ թուրքերուն պակսեցաւ ամէնէն աւելի։ Կին, այսինքն՝ ընկերային մթնոլորտին մէջ կին շունչին դերը եւ ազդեցութիւնը։ Այդ աղջիկներուն մէջէն անիկա հաղորդուեցաւ ուժգին ոգիի խռով ցանկութիւններու [139], ռուս միսթիքին, որ կիներու հոգիին մէջ անսահման նուիրում է հանդէպ ստանձնուած որեւէ պարտքի, ու երիտասարդները հազարներով, բիւրերով կը հանդերձէ մեծ, այլասիրական խոր սպասներու։ Ռուս Յեղափոխութիւնը, հարիւրամեայ իր շրջափոխութեամբը, ամենազօր միսթիքն է բոլոր քաղաքական միսթիքներուն։ Զոր ընդզգաց, քան թէ հասկցաւ Արեւելքի ամէնէն դրապաշտ, ամէնէն քիչ միսթիք ժողովուրդին մէկ ներկայացուցիչը։ Պոլիս դարձին, անիկա, միշտ նոյն ծրագրով, չպակսեցաւ ռուս արթիսթներու շրջանակէն։ Կը խօսէր անոնց լեզուն, օր մը զայն օգուտով գործածելու համար անոնց դէմ։ Իր մասնագիտութի՛ւնը։ Այս ճամբով՝ անիկա պիտի հասնէր հայերուն, որոնք իբր քաղաքական ազդակ թէեւ անկշիռ, բայց ռուս ախորժակներուն խայծ ծառայելով, կը դառնային տրտմօրէն շահեկան։ 96ի դէպքերը անոր վարանումները փարատեցին։ Անշուշտ, դոյզն չափով մը անիկա չհաւատաց հայերու յեղափոխական արժէքին։ Մեր ժողովուրդին դժբախտութիւնն է թափանցիկ ըլլալ։ Թուրքերը կը յաւակնին մեզ ճանչնալ մենէ աւելի։ Ու փարատոքսը դառնօրէն ճիշդ է։ Մեհմէտ պէյը, նոր ասպարէզ իջած, պոլսական դէպքերուն, պիտի զարմանար իր տեսածներէն։ Այդ իրար մատնող աղբարները ռուսական trempeով հոգիներ յայտնաբերեցին իր վարած ատեաններուն մէջ։ Աւելի՛ն. անիկա զգաց միսթիքը բանտերէն եւ «վարչապէս» անհետանալու դատապարտուած զոհերէն։ Ու ինչ որ չէր գտած թուրք աղջիկներու չափ անխելք լրտես հայ աղջիկներու մէջ, կը գտնէր ան միւսներուն մէջ, որոնք քսանէն նոր անցած երիտասարդ՝ [140] մահը փնտռելու իրենց կատաղութեամբը կը յիշեցնէին վարշավիացի աղջիկներու խորունկ նուիրումը։ Ուսուցի՞չը։ Հիւսիսի ա՛րջը։ Ու այդ արդար տրամաբանութեամբ, ռուսահայերը ռուս էին, իրենց հայութենէն հեռացած։ Թշնամի՞ն։ Ռուսը նորէն։ Այդ հայերուն ձեռքով թուրքերու հասած ամէն անախորժութիւն, մահացու արարք։ Հայկական Հարցերու մէջ մասնաւորում մը տակաւին կը նշանակէր ուրիշ աշխարհի մըն ալ ծանօթացումը, հայ գիւղացին, Վանէն ու Տարօնէն, ապառա՛ժ ու երկաթ, որ կը մեռնէր ու «ազատութիւն» կը պոռար` հանդէս բերելով հոգեկան անսպասելի արիութիւն։ Քանի՜­քանի՜ անգամներ անոր աչքերը թրջեցին այդ հսկայ բեռնակիրները, երբ շղթայակապ ձգուեցան ախոռի մը մէջ, գլուխնուն ութ­տասը մորթող։ Անոնք դանակներու մխրճումին առջեւ աչք իսկ չթարթեցին, ու բացով մեռան։ Հակառակ իր վճռական հրահանգներուն՝ անիկա չէր յաջողած մինչեւ Պոլիս բերել հատուկոտոր քոմիթա ները, որոնք իբր թէ կը բռնուէին կայսրութեան արեւելեան սահմաններուն վրայ, Կովկասէն ու Պարսկաստանէն Թուրքիա մտած ատեննին։ Սուտ չէին այս խումբերը։ Հեռագիրը կ’աւետէր պատահարը, ընդհարումը, օսմանեան զինուորներու անյողդողդ քաջութիւնը, քոմիթա ներու խումբին սպառսպուռ բնաջնջումը, բացի պետէն, մահացու կերպով վիրաւոր, օր մը ետքն ալ անոր մահը գուժելով, ձերբակալուած վիճակին մէջ։ Սովորական բառերով սովորական այն ողբերգութի՜ւնը։ Ուր դեր ունէին քանի մը շէյխ, փոլիս էֆէնտիներ եւ վալի փաշան։ Հեռագիրը ուրիշ եռանդով կ’աւետէր Պոլիս ձերբակալումը այն միւսներուն, որոնք Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ կ’իյնային ձեռք, հաւատարիմ «աղբար»ներու ցուցմունքով, բայց դէպի կեդրոն քաղաքներու ճամբու հանուելէն ետքը կը մեռնէին բնական մահուամբ, բժշկական այսինչ համար, այսինչ թուակիր տեղեկագրով ալ ստուգուած։ Հազարապետ Մեհմէտ փաշան կ’ափսոսար սա անխելքութիւնը, որուն պատասխանատուն պոլսական սարսափն էր, ամէնօրեայ արծարծումով, վեհապետին երակներէն, ժուռնալ ներու անձրեւով մը։ Սխալ էր, պնդեր էր ադ գաղափարին վրայ, կայսեր հետ իր ժողովներու ընթացքին, յեղափոխութիւնը պատժելը վստահիլ քիւրտերուն, որոնք ժողովուրդ մաքրագործելու մէջ հոյակապ ազդակ, անյարմար կռուողներ էին յեղափոխականներուն դէմ։ Իրաւ է, թէ քիւրտը կը ջնջէր անձը, բայց չէր չորցներ թոյնին արմատը։ Թուրքերը, այն օրերուն, հեռանկար ուխտի մը նման խորհած էին Արեւելեան Նահանգներու մէջ իրենց պապերէն գործուած մեծ սխալը սրբագրելու, բայց ատիկա իրագործելու համար ընտրած էին դանդաղ միջոցները։ Հազարապետ Մեհմէտ փաշան, գերմանական խղճմտութեամբ, հարցը իր մատերովը շօշափելու համար իջեր էր այդ Արեւելեան Նահանգները։ Թուղթը այնպէս կը համեմատի հողին, ինչպէս հեռագրուած դէպք մը ապրուած իրականութեան։ Հերոսութիւն էր անշուշտ լքել փարթամ մայրաքաղաքը ու պերլինեան յիշատակները, եւ երկննալ այդ խուժ Ասիային մէջ, որ անոր հոգին ըրաւ տխուր, որքան չէր ըրած ափրիկեան Դարապլուսը, իր աւազակերտ աքսորանքին մէջ։ Հոն աքսորուած քաղաքական յանցաւորները ու ժանգահար մորթով արաբները աւելի կ’արժէին, քան այդ նահանգներուն ոսկորոտ քիւրտերը ու նոյնքան բիրտ ֆլա ները (հայերը)։ Ի զուր անիկա հալածեց ֆետայիները, որոնք կային ու չկային։ Կը խօսուէին ապրիլ լեռներու մէջ, ուր ամպեր միայն կը մակաղէին։ Բայց Մուշի մօտերէն անոնց հրացանները լսած էր անիկա իր ականջներով։ Իբր քոմիթա բերուած գեղացիները Պոլսոյ ջրհաններուն չափ ալ, բեռնակիրներուն չափ ալ ինքնութիւն չունէին։ Պարտուած՝ այդ հողամասերուն վրայ իշխող սա եղերական պայմաններէն, մուրատը չառած՝ անիկա դարձաւ Պոլիս։ Հայկական Յեղափոխութիւնը կրնար ուզածը փորձել, չունէր յանգելիք կէտ, վասնզի քիւրտերը բաւ էին այդ ժողովուրդը որեւէ վայրկեանի բնաջինջ ընելու։ Միւս կողմէ՝ այդ յեղափոխութիւնը վտանգաւոր ուժ էր, Արեւմուտքի որքան կը մօտենար։ Եւրոպական մեթոտներով մարզուած եւ ռուս դպրոցին մէջ կալվանիզէ այդ ոգին կրնար Պոլսոյ մէջ սարքել մեծ ձեռնարկներ։ Ահա թէ ինչու անոր հոյակապ ծրագիրը եղաւ Պոլիսը հռչակել [141] զինուորական գաղտնի շրջանակ, զոր պաշտպանելու էին ծովէն, Աթէնքէն, հաստատելով հոն աչալուրջ լրտեսութիւն, երկաթուղիով անոնց հսկողութիւնը վստահելով փորձ ու իմաստուն մարդոց։ Այս կազմակերպութիւնը արժանացաւ վեհապետին դրախտազեղ գնահատման։ Մեհմէտ փաշան փոխեց երկաթուղային ոստիկանութիւնը եւ հաստատեց ամենախիստ հակակշիռ, ճամբորդներու արձանագրութիւն, պանդոկներու տետրակներու [142] գաղտնի ստուգում, միջոցներ, որոնք Պոլիս մտնող ճամբորդները կ’ընէին ծանօթ ոստիկանութեան։ …Այս ամէնէն յետոյ, մայրաքաղաքին այսքան մօտիկ գաւառակի մը մէջ քոմիթա յի մը հարցը իր ամբողջ կշիռը կը ստանայ, երբ վաւերական տուեալներ՝ այսինքն՝ ժուռնալ էն ետքը մարդեր փաստ կենան։ Անոր խանդավառութի՜ւնը, Մաթիկին անձէն։ Առաջին այցելութեան մէջ իր աճապարանքը Պոլիս դառնալու --վեհապետը հեռագիր հեռագրի վրայ կը տեղար--, կէս էր թողած իր ձեռնարկը` մարդիկը խօսեցնելու։ Իր մեկնումէն յետոյ, տանջանքն ու փայտը անցեր էին առաջին գիծի, խոստովանութեան հարցին, ու ասիկա հակառակ կտրուկ իր հրահանգին, որ բռնութեան միջոցները կը յանձնարարէր յետաձգել յուսահատ պարագային։ Նեղուած էր, բայց տրտմօրէն համակերպած՝ ընդունելու նոյնութիւնը Արեւելեան Նահանգներու եւ պոլսամերձ քաղաքակիրթ նկատուած վայրերու ոստիկանութեանց։ Արհեստի խղճմտութիւն մը կայ, կարգ մը ասպարէզներու մէջ։ Ոստիկանութիւնը ատոնց ամէնէն փաթեթիք ը կրնայ նկատուիլ։ Հազարապետ փաշային համար սա վրիպանքը անսփոփ դառնութիւն էր։ Անշուշտ անիկա չայցուեցաւ միւս դառնութենէն, սա մարդիկը այս գիշեր իսկ խողխողել զիջելով իր ընկերներուն, տակաւին ժողովէն առաջ։ Ատիկա պետական զգայարանքը կը թելադրէ ամէն զինուորականի։ Բայց հետաքրքրութի՞ւնը։ Սա մարդիկը խօսեցնելու խորունկ հեշտա՜նքը։ Ու մշուշ էր անոր ուղեղին մէջ։

 

Երբ յայտարարեց անիկա հարցաքննութիւնը դադրած, որոշում տուած էր առանձին ըլլալու Մաթիկին հետ։

 

Ժամը կը թուէր յառաջացած։ Կը սպասուէր, ամէն ինչ վեհապետին փափաքին համաձայն կատարած ըլլալու համար, Օսման պէյին բարեկամ շէյխ Սապիթին, որուն ծանօթացումը ըրած էր օր մը առաջ, Պոլսէն տրուած հրահանգին համաձայն։ Մարդկային կորովին մեծ տեսաբան գերմանները իրեն սորվեցուցեր էին չարհամարհել կրօնական տարրը Արեւելքի մէջ, ուր անիկա խտացած ուժ մըն էր, շահագործելի՝ քաղաքական նպատակներու համար։ Շէյխերը, մոլլաները աւելի կ’արժէին գուցէ, քան յիսնապետները, հարիւրապետները։

 

Հազարապետ փաշային նշանացի հրամանին վրայ  --թուրքերը գաղտնի [143] ղեկավարելու ինքնուրոյն գիտութիւն մը ունին, որով կառավարած են իրենցմէ գերազանց մշակոյթով եւ իմացականութեամբ ժողովուրդներ--, մեծ քաղաքավարութեամբ [144], թէմէննահ ով, ժպիտով դուրս առաջնորդուեցաւ «ազնուազարմ» թարգման Սուքիաս էֆէնտին, որուն ներկայութիւնը արդէն աւելորդ տրամին այս առաջին արարին (փաշան ընդդիմացած էր, բայց տեղի տուած ընկերներուն պնդումին, որոնք լիակատար վստահութիւն ունէին քեաթիպին տաճկասիրութեանը վրայ), անտեղի կը դառնար երկրորդ վարագոյրին համար։ Ժողովը պատուիրակ իր անդամին բերանով մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնէր այն իսկապէս հայրենասէր եւ իմաստուն ծառայութեան համար, որ մատուցուած էր իսկապէս հայրենասէր եւ իմաստուն ու, մա՛նաւանդ՝ «ազնուազարմ» թարգման էֆէնտիէն։ Ցաւ էր անշուշտ, որ իր բարձր եւ օգտաւէտ միջամտութիւնը չէր հասած ակնկալուած արդիւնքին։ Բայց «Սեւին սապոնն ինչ օգուտ»ը հայկական առած էր, զոր լսեր էր ինքը իր ասպարէզին մէջ, շատ մը բերաններէ։ Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, եթէ քոմիթա ները իրապէս սիրէին իրենց ժողովուրդը, յայտնելով բաներ, որոնց առաջքը առնելը ծառայել էր հայ ժողովուրդի իրական շահերուն, ինչպէս եւ օսմանական բարեխնամ կառավարութեան։ Խորունկ կսկիծ էր իրեն համար անոնց անուղղայ յամառութիւնը։ «Յետ այսու», անոնց ոճիրը այլեւս կը պատկանէր Քաղաքական դատարանին (ամբողջ երեսուն տարի, չեմ իջնար թուրքերուն միահեծան արդարութեան դարերը մինչեւ, անոնք ուրիշ վարմունք չունեցան յեղափոխական ամբաստանուածներուն։ Երբեմն անոնց պատճառաբանութիւնը, հարցաքննումի ձեւերը եղան աւելի տղայական, քան ձաբռտուքը, որ վերը արձանագրուեցաւ [145] ։ Անշուշտ չեմ միամիտ արդարութիւն որակելու Ջարդերուն յաջորդող քանի մը շաբաթներու խուժդուժ վճիռները պատերազմական ատեաններուն, որոնք մարդկային չեն։ Այդ օրերուն, ողջ բռնուած հայեր մահուան դատապարտեցին, այսինքն՝ դատական արարողութեամբ ջուրի խողովակներուն սեւ դիրտը վառօդ յայտարարելով, ըստ գիտական տեղեկագրի քիմիագէտ [146] (տարրաբան) փաշաներու։ Թնդանօթի՜ նոր խողովակներ էին անոնք, պաշտօնապէս մկրտուած իրենց նոր ասպարէզին, ռումբեր արձակելու խաղաղ իսլամ բնակչութեան վրայ։ 915ին վաթսուն տարեկան բժիշկ մը կախեցին, վասնզի տարի մը առաջ Պոլիս տպուած հայ օրաթերթի մը մէջ հայ բանաստեղծ մը գովեստն էր ըրեր լեզուին, ոտանաւոր։ Այդ գովեստը, տարի մը ետքը, կը նշանակէր թուրք նախատել։ Այլապէս ինչո՞ւ [147] պահուէր այդ ոտանաւորը բժիշկին կողմէ։ Այսպէս, 914ին [148] արտօնուած թերթի մը մէջ ոտանաւոր մը, 915ին մահուան զօրաւոր փաստ [149] մը կը դառնար։ Անշուշտ, 915ի արդարութիւնը այլապէս բարդ, ահաւոր, ցարդ անծանօթ գեղեցկութիւններ [150] ունի, որոնց մեր պարտքն է անդրադառնալ, երբ մեր պատմութիւնը մօտենայ այդ տարիներուն)։ Սակայն [եւ] [151] այնպէս, Սուքիաս էֆէնտին յոյս դնելու էր տակաւին վեհափառ Սուլթանին մեծագութ սրտին։ Այդ յոյսը թարգման էֆէնտին յատկապէս յանձնարարուած էր զգալի ընելու մերհասա էֆէնտիին, որ անշուշտ պիտի հետաքրքրուէր այս ստամբակ իր զաւակներուն ճակատագրովը։ Ժողովը ջերմագին իր շնորհակալութիւնները կը մատուցանէր նաեւ մերհասա էֆէնտիին, ինչպէս փոխադարձ բարեւ, յարգանք, մեծարանք։ Թուրքերը մէկի տեղ երեք բառ կը գործածեն, երբ կը խաբեն սիրազեղ արտայայտութեամբ։ Հազարապետ փաշային ջերմ փափաքն էր, մեկնելէ առաջ, բացառիկ այցելութիւն մը տալ մերհասա էֆէնտիին, որուն հաւատարմական զգացումները բարձրօրէն գնահատուած էին իր ընկերներէն եւ որուն ձայնին, դեռ չլսած, իրապէս իմացուած ըլլալու հաւաստիքն ալ զանց չէր ըներ յայտնելու թարգման էֆէնտիին միջոցով։

 

Փաղաքուշ բառերու սա տարափին ընդմէջէն, որոնց կ’ընկերանային դէմքի, ձեռքի, մէջքի նոյնքան օծուն ու սրտառուչ բեկումներ, մարդուկը դրուեցաւ դուռ, ուրկէ երկու ոստիկան, նոյն արարողութեամբ ինկան անոր առջեւ։ Նրբանցքն ի վար, քիչ հետաքրքիր, քիչիկ մըն ալ կամար կռնակ, զոր լայնկեկ փարտըսիւ ն չէր յաջողեր մեղմել՝ անիկա կը քալէր, բարեւելու համար լարուած մարդամեքենայի մը նման, փնտռելով շուք մը դէպի ան կործելու հասակային բարեւը սողացողին։ Այսպէս կը յարգեն, յարգելու էին մարդիկ իրենց ականջներուն մատուցուած իմաստուն դասը։ Մատնիչը, այս գիծով, դիւանի հասած, շուքի եւ մութի արարած, վերածուած է բացառիկ տեսակէ բանի մը։ Ոսկորի տեղ դոնդող կը կրէ ան իր հոգիին մէջ, որ իր կմախքը ունի մարմինին նման, ամրօրէն ճարտարապետուած մեր ժառանգութիւններէն, խառնուածքէն, կեանքէն առած հզօր հարուածներէն։

 

Անոր մեկնումը սա մեծ ատեանին բերաւ սպասուած թեթեւացումը։ Հազարապետ փաշան հաճութեամբ չէր, որ ընդունած էր այդ հայուն քիթը այս գործին մէջ։ Հայու մը շունչը, նոյնիսկ մատնիչ, ծանր կը կշռէ այն նիստերուն մէջ, ուր թրքութեան գերագոյն շահերը խնդրոյ նիւթ կը դառնան։ Թուրքերը մեր մատնիչները մեզմէ աւելի կ’արհամարհեն։ Հազարապետ փաշան Պոլիս սորված էր չհաւատալ այդ մարդոց ծայրայեղ եռանդին։ Զիջած էր Սուքիաս էֆէնտիին, դարմանելու համար ինքնագլուխ կարգադրութիւնը Օսման պէյին, որ հայոց առաջնորդէն հաւատարիմ այս թարգմանը յատկապէս խնդրած էր բացառիկ թարգմանութեան մը համար։

 

Օդի կարի՞ք կար, որպէսզի երկու փաշաները երկարէին դէպի պատուհան մը։ Բացին անոր զոյգ փեղկերը։ Գաղջ ու թեթեւ բան մը դիմաւորեց անոնց քիչիկ մը յոգնած աչքերը։ Հոտեր կան, որ կը զարնեն աչքերուն։ Նաւթը ատոնցմէ է։ Խօսակցութիւն, լուրջի մօտ, որ քիչ­քիչ միւս անդամներն ալ համախմբեց հոն։ Դէմէն, հինաւուրց քաղաքին մինարէները, հատկտուն ու ցրիւ, կապոյտին մէջ տնկուած սլաքներու կը նմանէին։ Նոճիներու ուրուային իլերը ձգուած տուներուն ու երկինքին մէջտեղ։ Ու հեռուի շղթան, ողորկ կռնակով, բարակ մուխի մը մէջ քո՜ւն։ Հազարապետ փաշան կ’ոգեկոչէր կայսրութեան առաջին հերոս իշխանները, որոնք այդ շղթային կոհակներուն վրայ իրենց երիվարները վազցուցած էին` կրակի տալով գեղերն ու անտառները։

 

Եղաւ լռութիւն։

 

Որմէ յետոյ ցածուկ առաջարկ մը։ Կու գար պատուիրակ փաշայէն։ Որոշ տհաճութիւն մը ընդունեց զայն, անոր ընկերներու դէմքին։

 

--   Ի՛նչ հարկ, փաշա հազրէթլերի։

 

--   Ի զո՛ւր է, փաշա հազրէթլերի։

 

--   Մեր պարտականութիւնը կատարած ենք։ Աւելին՝ ժամավաճառութիւն է, յոգնութիւն եւ զայրոյթ։

 

Հազարապետ փաշան, մեղմ բայց աննահանջ.

 

-- Անհրաժեշտ է։ Չեմ կրնար այս մարդիկը, իրենց գաղտնիքներուն հետ ճեննէթ ղրկել։

 

-- Պիտի բարկանաք, փաշա հազրէթլերի։

 

-- Պետական մարդը կը ճանչցուի ջիղերը կառավարելու իր ճարտարութենէն։ Անիմաստ է այդ զգացումը մարդոց դէմ, որ պիտի մեռնին։ Մինչդեռ շահ է մեզի, եթէ ուրիշ մեթոտով յաջողեցանք փշուր մը բան փրցնել։ Ստոյգ է, որ շատ գիտեն։ Ստոյգ է, որ բռնութեամբ ոչինչ կ’ըսեն։ Թոյլ տուէք ինծի գործածել իմ եղանակը, որ Պոլսոյ մէջ արդիւնաւոր է յայտնուած։ Խաբուած ու խոստովանած մարդեր, մահէն ժամ մը առաջ նոյնիսկ։

 

-- Դուք գիտէք, փաշա հազրէթլերի։ Մեր հաստատ կարծիքով գիտենք, թէ այս փորձը անպտուղ է։ Բայց քանի որ կը պնդէք, ձեզի յաջողութիւն մաղթելէ զատ չունինք ընելիք։

 

-- Շնորհակալ եմ։ Դուք հոս էք արդէն։ Մինչեւ շէյխ Սապիթին ժամանումը, ես աւարտած կ’ըլլամ իմ պարտականութիւնս։

 

Դիակ մը երջանիկ է միշտ։

 

Միւսթանթիգ էֆէնտին, որ չէր առնուած խմբական սա խօսակցութեան, մանր աչքերը անդադար կը պտտցնէր կալանաւորներէն պատուհանեան խմբակին։ Անոր դէմքին՝ յայտ վիրաւորանք։ Իր լքումը զինքը ըրաւ նոյնիսկ խոժոռ։ Աշխարհին օրէնքն էր։ Ինք էր աշխատեր, ահագին թուղթ սեւցուցեր։ Ու հիմա մարդիկ կը գործէին, իրենք իրենց։ Հազաց, ուժգին` մատենադարանին ապակիները թեթեւ մը դող հանելով։

 

-- Միւսթանթիգ էֆէնտի՞ն։

 

-- Չեմ ուզեր։

 

-- Բայց թարգմանը ինչու արձակեցիք։

 

-- Պէտք չունիմ։

 

-- Ո՞ր լեզուով պիտի խօսիք։

 

-- Ես գիտեմ զանոնք լեզու հանող լեզուն։

 

-- Շատ լաւ։ Ըրէք այնպէս՝ ինչպէս որ կը փափաքիք։ Մենք հոս կը սպասենք ձեզի։

 

Թեթեւ այս խօսակցութիւնը դադրեցաւ մեծ այդ մարդոց դառնալովը իրենց աթոռներուն։ Պատուհանը կը մնար բաց, որուն արտաքին տախտակեայ վանդակին մէկ ստեղին կարմրալանջ թռչնիկ մը բի՜, բի՜, ծո՛ւ, կ’ընէր ու կը կենար` կտուցը հարցականի մը պէս զարնելով ստեղին ու գլխիկը երկարելով ներս։

 

Պատուիրակ փաշային նշանացի մէկ հրամանը հանեց ոտքի միւսթանթիգ էֆէնտին։ Յետոյ խօսեցաւ մատով։

 

-- Շատ լաւ, փաշա հազրէթլերի։

 

Միւսթանթիգ ը դարձաւ կրունկին վրայ ու հրամայեց.

 

-- Դո՛ւրս։

 

Տասնապետ եղած էր անիկա եւ կը սիրէր հրամայել։

 

Կալանաւորները լսեցի՞ն։ Շարժեցան սակայն։ Ամէն անգամէ աւելի քիչ նեղուելնուն հակառակ, անոնք զգացին, որ յոգնած էին չափազանց։ Մաթիկին քննող միտքը սեւեռեց այս զգայութիւնը ու ջանաց բացատրել։ Միւս կողմէ՝ մեծ պայծառութիւն մը կը տաղաւարէր խոնջէնքի այս ծանրութիւնը։ Ժողովին թաքուն եւ դաւադրական ոգին ազդա՞ծ էր անոնց անգիտակից զգայարանքներուն։ Կան այս բացառիկ պահերը, երբ առանց գիտնալու, այսինքն՝ իմացապէս լուսաբանուելու, մենք կը հասկնանք ինչ որ կը սպասէ մեզի քիչ անդին։ Հեռազգածութի՞ւն, պայծառատեսութի՞ւն, հոգեկան տարբաղադրո՞ւմ։ Բառերը շատ են, բայց երեւոյթը՝ պարզ։ Շարժեցան անոնց հետ շղթաները։ Ու տարբեր էր օղակներուն քսքսուքը։ Մեծ սրահը կը թուէր անգայտանալ, ու Մաթիկին ուղեղէն կը թռչէին իր կեանքին ծուէնները, սեւ ու ճերմա՜կ, թշուառական թռչուններ, ամէն մէկի կտուցին պահ մը անհուն այն երազէն, որ անոր օրերը կը շինէր։ …Առանց քալելու, որոշապէս ճամբայ ընելու տպաւորութիւն մը աւելցաւ այս զգայախաբութեանց։ Առաստաղին եւ տախտակեղէնի իւղաներկը եւ մատենադարանին բարկ ջնարակին նաֆթային ծանրութիւնը զարկած էին անոնց աչքերը, որոնց կոպերուն կը թուէին մարդեր նստիլ ու մուրճով ծեծել տակի գունդերը։ Տեսակ մը թմբիր, ընդդիմահար՝ ինչպէս հրդեհի գոլորշուտ ծուխը։ Ու գլխու պտոյտ, որ անոնց ոտքերը կ’ընէր անկայուն, ոսկորները՝ հակ։

 

Քալեցին։

 

Նրբանցքին խորերէն օդը զով գգուանքով անցաւ անոնց յօնքերուն մօտէն, ուր ծանրութիւն ու տեսակ մը կրակ կը կոտտային, բայց չկրցաւ ընել անոնց քայլերը թեթեւ, ինչպէս կը պատահէր ատիկա Վասպուրականի թաքստոցներէն ելլելէ վերջ, երբ օրեր տեւող խուզարկութեանց ընթացքին ջղայնացած, փոքրացած՝ հոգին կ’ազատէր տանիքներուն ճնշումէն, ողջունելով բաց օդին սա գգուանքը։ Հոս երկաթը կը դիզուէր աւելի ու աւելի։ Այս ծանր զգայութիւնը գիծ­գիծ բան մը կ’ըլլար Մաթիկին միսերուն մէջը։ Մրջիւններու արշա՞ւ, գետնէն կտրուելու զգայախաբութի՞ւն։ Անոր ձեռքերը ասեղ­ասեղ կը կճուէին։ Ու անոր գլխապտոյտին կ’ընկերանար վախ մը սրունքներէն կոտրելու։ Ցաւի այս շեշտ տպաւորութեանց աղբի՞ւրը։ Թուրքերուն ճնշումն է ատիկա, որ շէնքերէ ներս այնքան հաստատ բարեխառնութիւն է եղած մեր ջիղերուն վրայ։

 

Ատոնց ետեւէն պատուիրակ փաշան։

 

Նրբանցքին ոստիկանները, ուշադիր, կոկ, քաղաքավար։ Տպաւորիչ անոնց աշխուժութիւնը, շարժումը, մա՛նաւանդ նայուածքը։ Դիւան չըլլար սա երկար ու ընդարձակ ստորնայարկը։ Քոմանտան փաշային կարգապահական հրահանգները ամենազօր էին պաշտօնատան այդ մասին մէջ։ Ոչ մէկ քարտուղար արտօնուած էր օրէնքով գծուած պահերէն դուրս երեւալու նրբանցքին։ Դուռները ամրան խղդող տաքերուն իսկ՝ փակ։ Այս նեղ ու լռին ամայութիւնը կը յանգէր խորքի սանդուխին, մարմար ու գեղեցիկ կառոյց, որ վերնայարկ կը հանէր ոտքերէն առաջ միտքը անցորդին։

 

Ամայի՝ սանդուխը։

 

Կալանաւորները քալեցին։ Բնազդը կ’ուղղէր անոնց գնացքը վասնզի ոստիկանները փաշային ներկայութեանը արձանացեր, գամուեր էին դուռներու կուշտին։ Առանց դուրսին թելադրութեան՝ Մաթիկին քայլերը հակեցան դէպի դուռը սենեակին, ուր քշուած էր Սողոմը ժամ մը առաջ։ Ու կեցան։ Հազարապետ փաշան բաւակա՜ն հոգեբան, հասկնալու, յարգելու համար բնազդին ցուցմունքները։ Անիկա անցաւ առաջ, համեստ, քաղաքավար, բարի, մէկ ձեռքին թուղթի տրցակ մը։ Զարկաւ մեղմ դուռին ու չափեց խորքի սանդուխը։ Չէր նայեր, բայց կը թուէր բան մը փնտռել։ Անոր այդ նայուածքին կ’ընկերանար Մաթիկին ալ աչքը։

 

Դուռը բացողը, սեւամորթ դռնապանը։ Կէս ժամէ ի վեր անիկա կը խօսէր Սողոմին ` զայն թելադրելով խոստովանիլ քոմիթա ներու բռնութիւնները։ Անիկա ինքզինքը ղրկուած կը յայտարարէր մեծ, շատ մեծ մարդերու կողմէ, որոնք անոր ազատիլը կը փափաքէին։ Ոչ միայն այդքան։ Որոնք պիտի ազատէին զինք։ Իր հաւատքին վրայ երդումով զօրացած այս յայտնութիւնը դռնապանը պահեր էր ժուժկալ խոստումի տարազին ներքեւ։

 

Սարսափած, փաշային տեսքէն, ըրաւ անիկա խոնարհութեան կէս շարժումը, զոր տանտիրուհին կը պահանջէր անկէ, եւրոպացի բոլոր հիւրերուն դիմաց։ Փաշա՞ն։ Նկուն, ձեռքերը կուրծքին բերելէ զգոյշ (թուրքերը թերի կապկեցին Արեւմուտքին էթիքէթ ները), անիկա արձանացաւ` հրաման սպասող զինուորին նման։

 

Փաշան մտաւ ներս։

 

Անոր մատը առաւ ներս երկու կալանաւորները։

 

Անոր ակնարկը դռնապանին ցոյց տուաւ դուռը։

 

Փակելէ առաջ՝ անիկա խիստ հրահանգով մը կ’արգիլէր դուրսէն ներս մուտքը անխտիր բոլորին համար։

 

-- Հասկցա՞ր։

 

-- Այո, փաշա հազրէթլերի։

 

*    *    *

Պարզէն վեր սենեակ մըն էր այս դիւանատունը` յատկացուած բանտային արձանագրութեանց ու վիճակագրութեան։ Դիւանի վայել մերկութիւն ու տրտմութիւն։ Մէկ պատը ապակեղէն պահարան, բազմայարկ, որուն աստիճանները գրաւած էին զէնքեր, ամէն մեծութեամբ, նախնական զմելիէն ու կացինէն մինչեւ ուժանակի պարապ խեփորները, բոլորն ալ բանտ ինկող մեղապարտներու կողմէ գործածուած, ու այդպէսով ոճիրի թանգարան մը կազմելով, գիտուն վերատեսուչին խնամքովը։

 

Սողոմին մուտքէն յետոյ, հոն աշխատող երկու քարտուղարները հեռացուած էին քոմանտան փաշային կնոջը հրամանով, որուն խօսքը պատգամ էր պալատին բոլոր մասերուն ալ մէջը։ Այս հսկողութիւնը յօժարակամ կ’ընդունուէր պաշտօնեաներէն, որոնք կնիկի մը հնազանդելուն մէջ հաճոյք կը գտնեն, երբ երեսունը չեն անցած։

 

Անոնք Սողոմը գտան յոգնած ու մռայլ։

 

Չէր շարժած տեղէն` հակառակ թուրք էթիքէթ էն բաւական բան ծեծով սորված ըլլալուն։

 

Ու անոր գլուխը կիսաբոլոր կը կտրէր Միջերկրական ծովի արեւելեան աւազանը, քարտէսի մը յատակէն, որ կը բռնէր լման մէկ պատը այդ դիւանին։ Գործն էր ատիկա երիտասարդ քարտուղարին՝ իտատի [152]   ըրած ու օսմանեան պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասերուն մէջ իր բացառիկ շնորհներո՞ւն համար, թէ գեղանի, կանացի դէմքին համար մետալով պատւուած։ Քարտէսը կը ներկայացնէր կայսրութեան աստիճանական ծաւալումը, Արեւմտեան Անատոլուի մէկ հովտակէն բխող կարմիր կայլակի մը խորհրդանիշ արատովը, հետզհետէ յորդելով [153] ամէն ուղղութեամբ։ Սուլթանները մանրանկար, որոնց իւրաքանչիւրին ձեռքէն սուր մը կը սլաքէր սահմանը իր նուաճումներուն։ Երկրամասերը, որոնք առնուած էին թրքական հեղեղէն, կը զանազանուէին իրարմէ խիստ ու պոռոտ գոյներով։ Սուլթանին սուրէն կախ թել մը կը կրէր թուականը վճռական ճակատամարտին։ Ուրիշ կարմիր գիրեր՝ կը ցցէին անունները դաշտին, բերդին, գիւղին կամ քաղաքին, ուր մղուած էր պատմական ճակատամարտը։ Տարօրէն կոշտ, բայց աւելի քան թելադրիչ այս ձեռագիծ քարտէսը խորունկ յուզումով կը համակէր նախնական այցելուները, որոնք ափ ի բերան կը հետեւէին սուլթաններուն սա յորդումին, լեցուելով հզօր հպարտութեամբ մը իրենց փառքէն ու զօրութենէն։ Ազգային գիտակցութիւնը ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան խոր կը զգայ, որքան թուրքը, նոյնիսկ ամէնէն անբանը։ Տարօրէն կոշտ, բայց աւելի քան թելադրիչ այդ քարտէսին առջեւ կ’ախորժէր կենալ, հինգ­տասը րոպէ, քոմանտան փաշային աղջիկը, նայելով թէ ոչ՝ սեղաններուն վրայ գլխահակ քեաթիպ էֆէնտիներուն, որոնք անոր մեկնումէն յետոյ կը ցատկէին վեր, կ’անցնէին քարտէսին առջեւ, կը լզէին, կը լզուըրտէին աղջկան ոտքին հետքերը, խոր, յուսահատ տարփանքով, իրարու վայելքին մատուցանելով առաձիգ մէջքը, կուրծքին կրակէ հաւկիթները ու թուլցած, հեշտախտագին, գրեթէ ջուրոտ՝ կը դառնային ետ, իրենց սեղանները, գրիչները մխած ֆէսերէն ներս, մտքով մշուշուած, ամէն մէկը յիշելով իր սիրուհին, մօտիկ ազգականը, կին՝ այս կամ այն պէյին, մատաղ՝ բայց անհով, ինչպէս են կիները թուրքերուն երբ վանդակ մտնեն…։ Յետոյ կը շինէին դպրոցը, դասարանը, երբ կայսրութեան արդի մեծ նահանգներուն գաւառները, գաւառակները, գիւղախումբերը կը զրուցէին իրարու, անունները դասաւորող կարգին հանդէպ աններող խստապահանջութեամբ, ինչպէս կ’ուզէր դասախօսը, դաժան ու մեծ հայրենասէր, որ կը տարուէր նիւթին մեծվայելչութեամբը, ամէն մէկ կուսակալութեան ուսումնասիրումին հետ վերակազմելով պայմանները, մտայնութիւնը, դարը՝ ուր այսօրուան բարակ էֆէնտիներուն նախահայրերը, գրիչի տեղ սուր խածած, մխուեր էին ընդերքին մէջը փափուկ, մեղկացած, փարթամ ու փտած ժողովուրդներուն ` զանոնք տապալելով հարիւրի դէմ մէ՜կ…

 

Դիւանին մէջտեղը զոյգ սեղաններ։ Անոնց հակադիր պատին թուղթերը դասաւորող դարաններ, աչք­աչք, կուսակալութեան գաւառներուն անունովը թուագրուած։

 

Անկիւնէ անկիւն ձգուած էին նստարաններ, քանափէ ի ոճով, բայց լերկ տախտակ։ Անոնց ալ ներկը կը կրկնէր բանտին երկրորդին գործածած գոյնը [154] ։

 

Սողոմը, պի՛շ, լացա՜ծ։ Առաջին ակնարկով այսպէս կը տպաւորէին անոր աչքերը ` ուռած ու կարմիր։

 

Պատուիրակ փաշան չէր նայած անոր։ Աւելորդ՝ իր նշանը, տղան նստելու հրաւիրող։ Միւս կողմէ՝ անիկա ցոյց տուաւ Մաթիկին աթոռ մը, այն սեղանին մօտիկ, ուր անցեր էր ուղղակի մտնելէն ետքը։ Յեղափոխականը չհասկցաւ։ Գուցէ հրաւէրի անակնկալն էր պատճառ այս վարանումին, այնքան անիկա ուրիշ բանի էր վարժ, թուրք պաշտօնեաներուն մօտ։ Մարդավարութի՞ւնը, թուրքերուն փոլիթիքա՞ ն։ Ե րկու ամիսէ աւելի է, որ անիկա կը ճանչնար այդ արդարութիւնը։

 

-- Նստէ։

 

Ձայնին մէջ մեղմ թրքութիւն մը, կիսապաշտօն, որ կը ջանար ըլլալ աւելի պարզ, մտերիմ։

 

-- Քեզի ըսելիքներ ունիմ…

 

Զայն լսող մը ինքզինքը պիտի զգար շունչին մէջը բարեկիրթ ազնուականի մը, վստահութիւն ներշնչող ու մարդկօրէն գեղեցիկ։ Այդ շեշտը հեռու էր նենգ ու վայրագ այն յղացքէն, որ թուրքն է, անոր փաշան, աւանդօրէն տեղաւորուած խորը մեր ողնուղեղին, սուտին ու անգթութեան բնական շաղախը, որով կաղապարուած է անոր տիրապետութիւնը մեր հոգիներուն վրայ։

 

Դուռը բացուեցաւ։

 

Դասակին սպան էր, հեւասպառ, փութկոտ, ինչպէս եւ հոգածու մէկ նայուածքին մէջ դնելով այդ ամէնը հեղինակաւոր պարզութեամբ մը։ Արձանացաւ անիկա։

 

-- Հրաման մը, փաշա հազրէթլերի։

 

-- Ոչ մէկը կ’ուզեմ։

 

-- Ոչ իսկ քոմանտան փաշա՞ն։

 

-- Ոչ մէկը։

 

Խիստ յանդիմանող։

 

Դուռը փակուեցաւ։

 

-- Նստէ, - կրկնեց անիկա։ Ու անոր շեշտը րոպէաբար գտաւ անսպասելի իր մեղմութիւնը։

 

Ու առանց նայելու անոր երեսին դատողի հոգեբանութիւն, որուն մէջ կը մտնէ հաւանաբար խղճի փշրանք մը, հակառակ մեր ուժով տարազներուն, երբ ուրիշները դատապարտած ենք ի յառաջագունէ , հանեց գրպանէն ժամացոյց մը։

 

Լուրջ էր անիկա ու տրտում։

 

Անոր դէմքին մեծ մարդու վայել վարանք մը, ծանր ու կարեկցող, որ անոր արտայայտութիւնը ըրաւ աւելի մարդամօտ։ Մաթիկը յիշե՞ց ռուս ազնուազգի զօրավարները, որոնք դասախօսի սեղանին վրայ ժամացոյց կը դնեն այդպէս ու կը մխուին իրենց նիւթին դէպի խորութիւնները, հանրային դասախօսութեանց սրահին մէջ ստեղծելով իմաստին արքենի գեղեցկութիւնը, կեանքը իսկապէս արժեւորող այն վերնաշխարհը, որ սեփականութիւնն է բոլոր մարդերուն։ Իրողութիւն էր, որ այցուեցաւ այդ տեսակ յիշողութենէ մը։ Ու ցաւ էր անոր այդ զգայութիւնը։ Ո՞ր հրաշքով սա փափուկ դէմքը կը պարտկէր իր տակ թուրքը, որուն ճանաչողութիւնը անքակտելի գիծերով շինուած էր իր ներսը։ Հարցուց ասիկա Մաթիկը, ինք իրեն։ Ու յիշեց մէկ խօսքը իր ուրիշ մէկ ուսուցիչին, հայ ասիկա, որ զինքը սահման ճամբու դրած ատենը կրկներ էր յստակ իմաստով.

 

-- Ջանա՛ մարդ մնալ…

 

Չէր հասկցած այն ատեն։ Յետոյ՝ հիացումով ոգեկոչած մեծ մարդուն դիմագիծը այդ հանդիսաւոր պահուն, անթիւ անգամներ, երբ յեղափոխական գործով, շփումի մտաւ մարդկային տառապանքին ու ստորնութեանց բանակներուն հետ։ Ցաւին ու բարութեան մէջ անոր լոգա՛նքը։ Անոր սիրական գաղափարն էր վստահիլ դէմքին, քան ձայնին, վասնզի մէկը նիւթ է, միւսը՝ օդ, այսինքն` մեր ներքին անձնականութեան հետ լաւ կամ վատ հաղորդիչ…։ Հարիւրապետներու, ուրիշ փաշաներու, կուսակալին, զինուորական հրամանատարին (որոնց բոլորին առջեւ հանուած էր անիկա իբր տարաշխարհիկ ճիւաղ մը) հետ անիկա չէր ունեցած սա զգայութիւնը։

 

Պատուիրակ փաշան իր դէմքը յանձնեց իր թիլին [155] ` ցուցամատը փակցնելով այտոսկրին։ Մինչ բութը կ’երկննար կզակին ներքեւ, ուղեղը դիրքի կանչելու հին եղանակ մը։ Ու առանց վեր առնելու աչքերը ժամացոյցէն, ուր աղջնակի մը մանրանկարը կը ժպտէր տարիներէ ի վեր, հարցուց.

 

-- Տրամադի՞ր էք ինծի հետ խօսելու։

 

Դժուար, ու խորթ հնչումով ռուսերէն այս նախադասութի՜ւնը։

 

Անատոլուի սա մռայլ քաղաքին խորը, երկամսեայ անորակելի տառապանքներէ յետոյ սա ռուսերէնը հեքիաթէն ալ դուրս բան էր Մաթիկին ականջներուն։ Սխա՞լ՝ լսածը։ Անոր աչքերը բացուեցան չորս։ Բերանն ալ անզգալաբար ըրեր էր նոյն շարժումը։ Անդրադարձա՞ւ իր զարմանքին, վասնզի ափը գացեր էր շրթներուն։

 

Ժպի՛տ։

 

Բայց միամիտ, գրեթէ յիմար։ Ա՛յնքան՝ որ զգաց անհեթեթութիւնը ըրածին։

 

Բարակ քրտինք մը խոնաւցուց անոր ափերը։

 

Բան մը ըրած ըլլալու համար գլուխը դարձուց քովնտի, հո՛ն՝ ուր նստեր էին Սողոմն ու ընկերը, բոլորովին ջղագրգիռ՝ դիւանական սա հոտերէն։ Մատենադարանի հարցաքննութիւնը խորապէս խանգարած էր արդէն խարխուլ իմացականութիւնը այդ երկայն երիտասարդին, որ 96ի ջարդերուն, դանակին տակը մտած, բայց հրաշքով ողջ ելած, վրայ էր տուած հաւասարակշռութիւնը իր ուղեղին ու դատապարտուած ներսով ապրելու, ինչպէս կը տարազէր օրեր, շաբաթներ տեւող իր լռութիւնը, սուզումները։ Անոր հիւանդութիւնն էր [156] ներքին այդ ապրումները չկրնալ արտաբերել, վասնզի լեզուն կ’ընկրկէր այս ճիգին առջեւ։ Ու միշտ կը թուէր քնանալ, աչքերը փակ թէ բաց։ Ռուսերէն հնչումը, իր նորութեամբը ահաբեկե՞ր էր զայն, որպէսզի դէմքին դիզուէր անպատում անձուկ։ Սողոմը կը նայէր հազարապետին արծաթ կոճակներուն ինչպէս կը կարծէր ինքը --   ու չէր հասկնար ինչ կը կատարուէր։

 

-- Չհասկցա՞ք։

 

-- Ինչպէս թէ ոչ։

 

Զուարթ։ Տղա՛յ։ Ամբողջ եռանդ ու երիտասարդութիւն։ Անցեալ ու իմաստութիւն։ Ակնթարթի մէջ Մաթիկ Մելիքխանեանցը փոխադրուած էր Մեծ Մասկուան, իմացական իր հայրենիքը։ Արեւելահայ ամէն երիտասարդ հպարտ է ռուսերէն ո՛չ միայն խօսելէն, այլեւ՝ լսելէն։ Ասիկա յատկանշական հմայքն է այդ մշակոյթին։ Իբր յեղափոխական, Մաթիկը կ’ատէր ցարերուն Ռուսիան, բայց մանուկի պէս պաշտամունք ունէր անոնց լեզուին, մա՛նաւանդ մեծ յեղափոխականներուն։

 

-- Եթէ այո՛, ինչո՞ւ կը նայիք այդպէս։

 

-- Բայց ուղիղ հրաշք է ասիկա։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ դուք ծանօթ ըլլաք ռուսերէնին։

 

-- Այդքան արտակարգ բա՞ն է օտար լեզու մը խօսիլ։

 

-- Ոչ անշուշտ։

 

-- Ա՞յն ատեն։

 

-- Պիտի չզարմանայի, եթէ երբեք խօսէիք [157] գերմաներէն։

 

-- Որ զինուորական պետութեան մը լեզուն է անշուշտ։

 

-- Դուք կ’ըսէք։

 

-- Ռուսերէ՞նը։

 

-- Ռուսերէ՜նը։ Դժուար է զայն բացատրել ձեզի։ Ռուսերէնը, Մոսկուան։

 

Կեցաւ։

 

-- Ուղիղ հրաշք է ասիկա։ Չեմ կարող ըմբռնել։

 

Բռնկած [158] էր շրթներէն։ Յուզումը՝ ծաւալած մատերուն ու ճակտին դնդերներուն։ Տաքցաւ ու նետեց.

 

-- Ռուսերէնը խօսողը թուրք չի կրնար ըլլալ։

 

-- Չեմ հասկնար ձեզ։

 

-- Պարզ է սակայն, չափազանց պարզ։

 

Կը դողար։

 

-- Դուք կարդացած էք ի հարկէ Տոսթոեւսկին։

 

Հարցնողն էր հազարապետը։

 

-- Ի հարկէ, փաշա, ի հարկէ։

 

-- «Մահուան տունին յիշատակնե՞րը»։

 

-- Ի հարկէ։

 

-- Պարզ է սակայն, չափազանց պարզ։ Մահուան տունին կազմակերպիչները փաշաներ չեն կարծեմ, պարոն յեղափոխական։

 

Մաթիկը լռեց։ Անիկա կը դառնար մռայլ իր տժգունութեան։ Ակնարկութիւնը տպաւորիչ էր։

 

Փաշան իր կարգին ընկղմեցաւ դառն տրտմութեան մը մէջ։ Դեռ նոր կը կազմուէր քաղաքական սառնութեամբ թուրքը հրապարակին վրայ, ու հազարապետ Մեհմէտ Սիւրէյեա փաշան շատ բան կը պարտէր մօտիկ անցեալին։ Կը մեղքնա՞ր սա տղուն, թէ զայն սպաննել որոշելէն ետքն ալ կը նրբանար սատիք այն վայելքին մէջ, որով պիտի անմահանային 915ի մեծ մարդասպանները, այնքան հարազատ գազանութեան մը մէջ համադրելով Արեւմուտքին ուսումը եւ տափաստանին մռայլ, խոր բնազդները։ Անիկա լայն շունչ մը քաշելով, որ մեր մէջ դէպի ետ կը հրէ կիրքը, աւելցուց.

 

-- Կարճ կը խորհիք, պարոն յեղափոխական։ Ռուսերուն կողմէ հալածանքը քիչ չէ հիմա ձեր ժողովուրդին հանդէպ։ Յետոյ, քիչ ալ կը տեսնէք։ Ինչո՞ւ կը մոռնաք, թէ ի՛նչ են եղած մեր եւ ռուսերուն վերջին երկու դարերը։ Թուրքերը ճիշդ դատելու համար քիչ մը թուրք պէտք է ըլլալ։

 

Հազարապետին ռուսերէնը «արձակուած» էր, ինչպէս կ’ըսեն լեզուաբանները։ Անշուշտ սխալներ շեշտէ, ոգիէ։ Բայց խօսակցութեան գաղափարական գնացքը կը դիւրացնէ բառերուն գիւտը։ Ու կարեւորը, նման պահերու, մտածումին ուժն է, ոչ թէ շնորհը։ Գերմաներէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն նպաստ ունին իրարու։

 

-- Ի՞նչ ըսիք, կ’ըսէք այս ճշմարտութեան։

 

-- Ձեր պատմութեան վերջին երկու դարը փաստ մըն է։

 

-- Մեր անճարակութեան, այնպէս չէ՞։

 

-- Ռուսերուն կարողութեան։

 

-- Որոնք մէկ օրուան մէջ անձնատուր բերդէ մը երեսուն հազար մարդ մորթեցին։

 

-- Բայց ոչ կիներ կամ մանուկներ։

 

-- Այո՛, սպաննե՜լ։ Ինչո՞ւ կ’ուրանաք այս բառին յարաբերական արժէքը։ Դուք, կամովին, ձեր հաշիւներուն սխալ բռնութեան [159] տակ, այդ բառին հետ զուգորդ գործողութիւնը միայն կը տեսնէք։ Տկարներու ակնո՞ց։ Պրոպականտի սիրական եղանա՞կ։ Քրիստոնեաներու հանրային կարծիքին վրայ ազդելու աճպարարութի՞ւն։ Ո՛րը որ կ’ուզէք։ Մինչդեռ մեզի համար բառը, այսինքն՝ սպաննելը գործողութիւն մը չէ, թատերական տեքոր ով ու ողբերգական յուզումներով, այլ՝ լրում մը, հետեւանք մը, հաշուեյարդար մը։ Ու ասիկա ճիշդ է բոլոր յաղթողներուն համար։ Ո՞վ կը հետաքրքրուի այն անլուր ողբերգութիւններով, որոնք թուրքերէ պարպուած հողերուն վրայ գործադրուեցան ձեր պաշտած ռուսերուն կողմէ։ Եւ սակայն ռուսերը չըրին ուրիշ բան, քան ինչ որ կը մեղադրէք մեզ։ Սպանութեան մղձաւանջը դուք կը շահագործէք ազդելու համար անզբաղ մարդոց ջիղերուն վրայ։ Մենք զայն կ’արժեւորենք իր արդիւնքով։ Բայց հարկ կը զգամ աւելցնելու, որ երկու տեսակէտներն ալ կը միանան բառին ներքին երեսին վրայ, որ գումար մըն է, այսինքն՝ ջնջումը ձեր ժողովուրդին, գրիչով, գարշապարով, շուրջառով կամ… դանակով։ Կը տեսնէք, որ կոշտ են բառերը, բայց տարօրէն ճիշդ։ Մեզի համար միջոցները չորրորդական են։ Արդի՛ւնքը։ Ահա թէ ուր կը ձգտին մեր հաշիւները։ Ռուսերը հարիւր տարուան մէջ խորտակեցին ձեզմէ շատ աւելի թանկագին կարողութիւններ։

 

-- Բայց մեր ժողովուրդը աճած է, բարգաւաճած, քաղաքակրթուած, անոնց վարչութեան տակ։

 

-- Միամիտ էք, շա՜տ, պարոն յեղափոխական։ Ոչխարներու հօտին առատանալը, տեսակին պարարտանալը չեմ գիտեր ինչով կը փոխեն անոնց ճակատագիրը, որ մորթուիլն է ի վերջոյ։

 

-- Մարդերը ոչխարներ չեն։

 

-- Են, տղա՛ս, են, ժողովուրդները այդպէս են շինուած, ու ասիկա օրէնքներով, սահմանադրութիւններով, մարդասիրական ընկերութիւններովը փոխուելիք ճշմարտութիւն մը չէ։ Հարիւր տարի յետոյ ձեր այդ բարգաւաճ, շէն ժողովուրդէն դժուար թէ գտնուին քանի մը տասնեակ հազար նմոյշներ, այն ալ լեռներու խորը, ու ասիկա՝ առանց դանակի, ասիկա՝ ռուս աղջիկներով։ Տոսթոեւսկիով, Մոսկուայով, Պագունինով։ Պա՞րզ։

 

Մաթիկը, լո՛ւռ, կը նայէր առջին։

 

-- Չէք պատասխաներ, վասնզի մտածումին ճշդութիւնը ինձմէ առաջ ձեզ համոզած է արդէն։ Հայերը, ինչպէս կը պոռայ երեսուն տարիէ ի վեր ձեր մէկ պատուական լրագրողը, զգուշանալու են թուրքերէն աւելի ռուսերէն։

 

-- Ի՞նչ կ’ուզէք ինձմէ, փաշա՛։ Քաղաքական հարցերու վրայ վիճաբանութիւն մը, սա պայմաններուն մէջ, հասկնալի չէ։ Դատապարտեալի իմաստութիւնը կամ յիմարութիւնը շահ չի բերեր ձեր դատողութեանց աջ ու ձախ շեղումին։ Ու չեմ ըմբռներ, թէ ինչու կը մօտենաք տրտում բաներու։ Կրկին կը հարցնեմ. «Ի՞նչ կ’ուզէք ինձմէ»։

 

-- Քիչ բան, պարոն յեղափոխական։ Ամէնէն առաջ ձեր վստահութիւնը։

 

-- Ի՞նչ բանի։

 

-- Իմ նպատակներուս պարզութեան։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Ձեզի պիտի խնայեմ մեր հարցաքննիչ մարմիններուն տրտում անիմաստութիւնը. ասիկա անոր համար՝ վասնզի տեսայ, որ կը նեղուիք անոնցմէ աւելի՝ քան ծեծէն։ Կը զգաք, որ մինակ ենք հոս։ Ու ապահով ալ էք, որ ոչ մէկ բռնութիւն կրնայ փորձուիլ, որքան ատեն որ ես եւ դուք կը խօսինք։ Ու որպէսզի այս խօսակցութիւնը քալէ, ու քալէ՝ առանց վախի, կանխաւ կը յայտարարեմ, որ ազատ էք լռելու հո՛ն՝ ուր կը դժկամիք։ Պա՞րզ այս ամէնը։

 

-- Այն ատեն, նկարագի՞րը՝ այս տեսակցութեան։

 

-- Կը յայտնուի քիչ­քիչ։ Կարեւոր թիւ մըն էք, մեզի համար շատ թանկագին փաստ մը։ Իմ բոլոր քննութիւններս կ’ապացուցանեն, որ Պոլսէն չէք եկած հոս։ Ճի՞շդ։

 

-- Ճիշդ։

 

-- Այն ատեն կու գաք Անատոլուէն։ Ու այս միակ պարագան արդէն անհունապէս շահեկան կ’ընծայէ ձեր անձը։ Ի վերջոյ դուք յեղափոխական էք եւ մենք ոստիկանութիւն, ըսել կ’ուզեմ՝ ձեր պարունակած գաղտնիքները մեզ կը խանդավառեն։ Բայց, հոս կը զատուիմ ես ուրիշներէ։ Ձեր գաղտնիքները, որքան ալ կարեւոր, ի վերջոյ գոհացում կու տան հետաքրքիր միտքերու։ Իմ ուզածս աւելի է այդ փոքր հետաքրքրութենէն։ Անոր համար է, որ խօսիլ կ’ուզեմ։ Հարցաքննութենէ աւելի՝ տեսակցութիւն մը։ Թերեւս աւելորդ է իմ անձիս ներկայացումը քեզի, քանի որ այս խօսակցութեան ուղղակի նպաստ չի բերեր։ Ձեզի համար եթէ թուրքերը հոճա չեն, փաշա կամ պէյ են, այսինքն՝ բթամիտ կամ կատաղի արարածներ։ Այս կարգի նախակաղապար մտածումները տեղը չէ հերքելու կամ հերքել ջանալու։ Բայց անձէս վեր կայ միտքս, որուն հետ ծանօթացում մը ձեր կողմէն՝ կը նկատեմ կարեւոր։ Մասնագիտութիւնս՝ Արեւելեան Հարցը ։ Պաշտօնս՝ քաղաքային ոստիկանութիւն։ Նախասիրութիւնս՝ Հայ Յեղափոխութիւնը, զոր ուսումնասիրած եմ, որքան որ կը ներեն ժամանակս ու աղբիւրներս։ Բաւական՝ գիտցածներս, ազգային ձեր ներկայ ձգտումներէն, մտայնութենէն, պատմական անցեալէն։ Անշուշտ Մխիթարեանի մը կամ Ճեմարանականի մը քիչ մը շատ ուղղափառ ու գրքունակ կազմութիւնը պիտի չփնտռէք իմ գաղափարներուս մէջ։ Օտարներու ծանօթացում մը անձնական շահ մը կ’ենթադրէ ամէն բանէ առաջ։ Ու ինծի համար անօգուտ տարր է խճողուն իմաստութիւնը։ Ասոնք կ’ըսեմ, որպէսզի փոքր խաղեր, յուսախաբութիւններ, սխալ բռնելներ խնայենք իրարու։ Յետոյ՝ թերի կամ հատուածական, օտարներուն կարծիքը միշտ աւելի խոր ու ճիշդ կ’ըսէ ժողովուրդի մը մասին, քան ինչ որ այդ ժողովուրդը կը բանաձեւէ ինքը իր մասին։

 

-- Հայերէն գիտէ՞ք։

 

-- Ոչ։

 

-- Այն ատեն ինչպէ՞ս կը յաւակնիք ճանչնալ մեր ժողովուրդը ու զայն դատել։

 

-- Ազգ մը ճանչնալու մեր միջոցներուն մէջ, չեմ ուրանար անոր լեզուին հիմնական արժէքը։ Բայց իմ պաշտօնը պատմական, գրական, բանասիրական աշխատանք մը չէ, ոչ ալ քաղաքական խոշոր կշիռ ունեցող զանգուածի մը հետ փոխադարձ հասկացողութեան դիւանի մը նախագահութիւնը։ Զինուորական ու թուական արժէքէ զուրկ ժողովուրդի մը լեզուն    -ինչպէս է ձերինին պարագան--   կը խորհիմ, թէ աւելորդ բեռ մըն է, ինքնին քիչ մեր ժամանակին համար։ Մի մոռնաք, որ պարտաւոր ենք ճանչնալ ու խօսիլ ու գրել ռուսերէնը, գերմաներէնը, ֆրանսերէնը։ Տակաւին կան պուլկարերէն, սերպերէն, յունարէն։ Այս ամէնուն հասնիլ վեր է մեր կարողութենէն։ Գիրքի մարդերը միայն անոր հմայքը պիտի նետէին իրենց սենեակի աշխատանքներուն վրայ, մինչդեռ մենք պետական ազգ ենք ու ժողովուրդներ վարելու կոչումը ունինք։ Մեզի պակսածը գիտենք լրացնել անուղղակի ճամբաներով։ Ձեր լրտեսները կը բաւեն մեզի, մեր ուզածէն աւելին ալ տալու իրենց եռանդով։ Ազգային արհեստ է ատիկա ձեր մօտ։ Ասկէ զատ, իրար ճանչնալու կայ ուրիշ ալ եղանակ։ Դարերով քով քովի ապրած ըլլալնիս թանկագին երաշխիք մըն է այդ ուղղութեամբ։ Մենք յաղթեր ենք ու դուք ծառայեր։ Հինգ հարիւր տարին ձրի չ’անցնիր ժողովուրդներու գլխէն։ Այնպէս որ, առանց ձեր լեզուն գիտնալու, կը յաւակնիմ ձեզ ճանչած ըլլալ շատ աւելի, որքան դուք չէք ճանչնար մեզ։

 

-- Մե՞նք ձեզ չենք ճանչնար։

 

-- Դո՛ւք, այո։ Ու դժբախտաբար։

 

Մաթիկին հեգնող, որքան տրտում նայուածքը, ուր խոր վրդովում ալ կար, չյաջողեցաւ խորտակել զինուորականին ինքնաբաւ շեշտը, որ շարունակեց.

 

-- Ձեր ճանչցածը մեզմէ, անշուշտ իր մէջ ունի իրականութեան տարրեր, բայց հեռու է ամբողջ ու յստակ ըլլալէ։ Ու կ’ըսեմ ասիկա պարզ, վասնզի անիմաստ, որքան սուտ պիտի ըլլար ջնջել մեր պատմութենէն հինգ­վեց դար, որոնց ընթացքին դուք մեզ դատեցիք ձեր պատմութեան մեծ ցուցմունքովը։ Անցեր է ժամանակ ու դուք մոռցեր էք շատ բան, նոյնիսկ չմոռցուելիքները։

 

-- Օրինա՞կ։

 

-- Օրինա՞կ, բայց ամէնէն առաջ խոր ու տխուր ճշմարտութիւնը։ Ի՞նչ է եղած վերջին հազար-հինգ հարիւրամեակը ձեր ազգային հոլովոյթին, եթէ ոչ՝ հատուկոտոր փառքերու քով՝ միապաղաղ, տէր փոխող գերութիւն մը, որմէ աչք չէ բացած ձեր երկիրը։

 

-- Մեր թագաւորութիւննե՞րը։

 

-- Կ’աղաչեմ, կարգով։ Պիտի խօսիմ ատոնց ալ վրայ, բայց քիչ մը ուշ։ Առայժմ չհեռանանք մօտիկ շրջանէն, ու եթէ կ’ուզէք՝ անմիջական ներկայէն։ Անծածկելի դժբախտութիւնը, ուր ընկղմած է այսօր ձեր ժողովուրդը, ձեր նոր սխալներուն հետեւանքով։

 

-- Սխա՞լ կ’որակէք տարերային շարժումը, որով մեր ժողովուրդը աշխատեցաւ իր տառապանքը մատչելի ընել աշխարհին։

 

-- Որ լսեց [160], փռնգտաց, յօրանջեց ու մոռցաւ։

 

-- Ազգերու պայքարները ճիշդ չէ չափել կարճ կանգուններով, փաշա՛։ Մեր պարտութիւնը նման է ուրիշներու պարտութեան։

 

-- Անշուշտ, պատմութիւնը քիմիական տարազներու պէտք է նմանի, որոնք պիտի կրկնուին նոյն արդիւնքներով։ Աս չէ՞ ձեր նոր տրամաբանութիւնը։ Ուրիշներ ալ սկսան պարտուելով մեզմէ, այսօր անկախ են։ Այո՞։ Եւ սակայն պատմութիւնը ուրիշ բան է, պարոն յեղափոխական, մա՛նաւանդ ձեզի պէս ժողովուրդի մը գլխուն։ Անցեալին ու ներկային մէջ դուք մասնագէտ էք եղած ձեր դժբախտութիւնը ձեր ձեռքով փնտռելու, պահանջելու։ Ասիկա անգիտելը իմաստակութիւն է առնուազն մարդոց կողմէ, որոնք կը յաւակնին ժողովուրդ վարել։ Անփափկանկատութիւն չէ, սա րոպէին, սա պայմաններուն մէջ, յիշեցնել ձեզ այս վարկածը։ Իրար ճանչնալը իրար սիրել չի նշանակեր, բայց լոյս կը սփռէ։ Ու մութը այնքան շատ է ձեր պատմութեան ամէն շրջանին։ Կարելի է հասկնալ յոյները, պուլկարները, բայց ձեզ՝ ոչ։

 

-- Բայց ձեր պապերը կը յաւակնէին անոնք ալ չհասկնալ։

 

-- Մեր պապերու հասկացողութիւնը հրաշալի է եղած ձեզ դատելու կէտին մէջ։ Անոնց սխալը ուրիշ տեղ է։ Իրենց ուժն է, որ զիրենք անփոյթ է ըրած։ Ու մենք քաւեցինք չարաչար այդ անփութութիւնը։ Ու եղանք իմաստուն։

 

-- Կը հասկնամ, փաշա՛, կը հասկնամ նոյնիսկ այն մասերը ձեր մտածումին, զորս կը լռէք։ Մեր ժողովուրդը իր այս թափանցումը բանաձեւած է արդէն դարերէ ի վեր ազգային առածով մը, որ կ’ըսէ. «Թուրքին հացը ծունկին վրայ է»։ Ձեր բանակները, արշաւները, պաշտօնեաները մենք կերակրեցինք, երբ դուք Եւրոպան նուաճելու կը վազէիք։

 

-- Բայց ատիկա ժամանակակից մտածում մըն է։ Երեք դար առաջ, դուք ազգովին գերիներ, ուրիշ գնով չէիք կրնար կրել ձեր գլուխը։ Ի՜նչ ալ շուտ կը մոռցուին դարերը։

 

-- Տասնիններորդի՞ն։

 

-- Հոդ ալ մեծ է ձեր պատրանքը ձեր դերին։ Երկիր մը կանգուն պահողը իր բանակն է։ Ու դուք ոչինչ կը հասկնաք այդ խորունկ ճշմարտութենէն։ Ձեր յեղափոխութեան վարիչները, ռուսահայեր, գոնէ մշակոյթէ անցած միտքեր են, առնուազն ռուսական զինուոր կամ սպայ։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ ճիշդ, ինչ որ ձեր թրքահայ եղբայրները անկարող են զգալու, ըմբռնելու։ Ձեզմով իմ հետաքրքրութեանս բուն զսպանակը հոս է ահա։ Հասկնալ։ Աս է իմ փափաքս հիմա։

 

-- Ի՞նչ բան։

 

-- Պարզ, շատ պարզ բան մը, պատճառը մեր վերջին անհասկացողութեան։ Վասնզի ինչ որ ալ ըսէք, եղած է շրջան ու շատ ալ մօտ, երբ մեր բարբարոսութիւնը դուք գործածելու ձեւը գտած էիք ու մեր միամտութիւնը, բարեսրտութիւնը, դուք ըսէք յիմարութիւնը շահագործելու ձեր ճարտարութեամբը այս երկիրը բաղկացնող տարրերուն ամէնէն շնորհալին ու նպաստաւորողը հանդիսացած։ Բայց կեանքին տխուր կողմերէն, գաղտնիքներէն մէկն ալ շուտ մոռցուիլն է։ Դուք մեզ կը դատէք հիմա ձեր տառապանքին թելադրութեամբը ու ցաւը նոր չէ, որ եսապաշտ է, նոր չէ, որ անիրաւ կ’ընէ ամէնէն բարի մարդն ալ։ Անշուշտ, խորունկ է այդ ձեր տառապանքը ձեր ժողովուրդին գերութենէն առաջացած։ Մտաւորականներուն դժբախտութիւնն է, որ միտքն ու աշխարհային իրականութիւնը չկրնան անջատել։ Այդպէս չէին ձեր պապերը, որոնք ձեզի չափ խելացի եղան, վասնզի այդքան վերիվայրումներուն ընդմէջէն բերին ձեր ժողովուրդը մինչեւ նոր ժամանակները։

 

-- Եղանա՞կը։

 

-- Քիչիկ մը իմաստակութիւն կայ այդ հարցականին խորը։ Եղանակը՝ բայց ապրիլն է։ Կեանքը ուրիշ բան չէ, տղա՛ս, ապրիլ, ու ամէն գնով։ Չեմ յուսար, որ ձեր պապերը, որոնք ֆրանսական Յեղափոխութիւն, մարդկային իրաւունքներ, արեւմտեան քաղաքակրթութեան տակաւին ուրիշ սիրունիկ սնոտիքը կ’անգիտանային եւ ազատութիւնը շատ­շատ պիտի շփոթէին գերութենէ գնուած վիճակի մը հետ, ինչպէս կը պոռայ ձեր եկեղեցին իր գերեալ եղբայրներուն համար, այսօր դժգոհ ըլլային պայմաններէն, որոնք տրամադրուած են օսմանեան կայսրութեան մէջ, ձեր ժողովուրդին։ Կ’ըսեմ ասոնք՝ մեր մամուլին եւ պետական մարդոց կողմէ ընդհանրացած բարօրութեան, բարգաւաճման տարազներէն տարբեր առումով։ Մէկդի՝ ձեր կողմէ ուրուացուած գեղեցկութիւնը այդ տարազներուն, ես ունիմ նկատի ինչ որ սեւեռուած է իմ ուշքին, ձեր պատմութենէն։ Գիտէ՞ք, թէ ուր կը սխալիք, ահաւոր անիրաւութեամբ մը, ամէնէն աւելի ձեր պատմական իրաւունքներուն փաստարկութեանը մէջ։ Ինչո՞ւ չէք անդրադառնար, որ ուրիշ կերպ ու կտաւ չունէր ձեր ժողովուրդին կեանքը, հռովմայեցիներուն, պարսիկներուն, արաբներուն, յոյներուն, թաթարներուն գարշապարին ներքեւ։ Ինչի՞ պէտք կու գայ պատմութիւնը, երբ այսքանն ալ չտեղաւորէ ձեր մտածման մեքենային մէջ։ Աւելի՛ն. ինչպէ՜ս ալ մոռցաք [161] դարաւոր, ահաւոր ատելութիւնը, որով չեմ ըսեր լեցուած, սիմանթէ եղած է ձեր հոգին ընդդէմ բիւզանդական կայսրութեան։ Գիտէ՞ք, թէ ինչ անհուն ողբերգութիւն է ձեր Միջին դարը եւ որուն գերագոյն դերակատարները [162] ՝ բիւզանդական Վասիլոսները։ Ո՞վ էր ձեզ ազատողը այդ շղթաներէն։ Ո՞վ՝ ձեր հոգին ալ ազատողը հետախաղաղ ջնջումէն, որուն ծարաւը այրեց ուղեղները Պոլսոյ կեսարներէն մինչեւ խոնարհագոյնը [163] բաբա ներուն։ Դուք ինձմէ լաւ գիտէք, ինչ անգթութեամբ արգիլուեցաւ ձեր լեզուն ժողովուրդին՝ յոյներէն գրաւուած ձեր գաւառներուն մէջ։ Դուք ինձմէ լաւ գիտէք անողոք այն քաղաքականութիւնը, որով ձեր ժողովուրդը բռնի հանուեցաւ իր հողերէն ու քշուեցաւ Թրակիա, ուր այսօր հետք չէ մնացած անոնցմէ։ Այս ամէնէն ետքը, մենք ալ ձեզ փոխադրեցինք մեր նուաճած հողերուն վրայ։ Անցաք անշուշտ Անատոլուն։ Ամէն քաղաք ձերինները կ’ապրին, կը հարստանան, կը խօսին ու կը գրեն պապերուն բարբառը։ Հարիւրով գիւղեր, որոնց բազմամարդութիւնը ուշագրաւ է այնքան, դրացի թուրք գեղերու նկատմամբ։

 

-- Ես ուրիշ բան ալ տեսայ։

 

-- Վա՞ն։

 

-- Այո՛։

 

-- Այդ ուրիշ բանը տեսաք շատ կարճ ժամանակի մը վրայ։ Ձեր մանկութեան, երբ ձեր դիւանագէտները ու պատմագէտները նոր կը մտնէին քաղաքական ասպարէզ, այդ գեղերուն մէջ ալ տարբեր չէին պայմանները։ Մեր պատմութիւնը ձեզի երես է տուած այդ մարզերուն վրայ, ուրիշ տարրերու ընդդէմ ձեզ հետը ունենալու միամիտ յոյսովը։ Դուք ստեղծեցիք Քեռի Ռուսը։ Ու փոխեցիք մեր դիրքը։ Այնպէս որ, ձեր [164] տեսածները Պերլինի Վեհաժողովին հիւսիսայգէն կը սկսին, սիրելի պարոն յեղափոխական։ Ներեցէք, որ խելք ունենանք ու մեր հողերը կառավարելու մէջ մտածենք նախ մեր շահը, յետոյ, երբ կու գայ կարգը, անոնց վրայ վարձքով աշխատող մշակներունը։

 

-- Հայկական Հա՞րցը։

 

-- Լրագրի մէջ խոշոր գիրերով աչքառու տիտղոս մը, եւ ոչ՝ ուրիշ բան, զոր պիտի փնտռէ ձեր ժողովուրդը, պատրիարքէն մինչեւ ֆէս կաղապարող տիրացուն, օսմանեան աւագանիին մէջ պալայ ով [165] պատուըւած փաշայէն մինչեւ Ղալաթիոյ մաքսատուներուն [166] բեռնակիրը։ Որուն վրայ քիչիկ մը շահադիտութիւն պիտի խաղան Քեռի Մոսկոֆը եւ պոռնիկ անգլիացին, ու պիտի նետեն մէկդի, մենէ կտոր մը ոսկոր փրցնելէն անմիջապէս վերջը։ Դուք ասոնք ինձմէ լաւ գիտէք։ Այս ամէնուն դէմ ի՛նչ ըրինք ձեզի։ Ջարդե՞րը։ Բայց անոնցմէ առա՞ջը։ Մենք մեր երախտագիտութեան, մեզ սրտովին փարումին բոլոր իրաւունքները ունէինք ձեզմէ։ Փոխարէ՞ն։ Ու ահա մեզ կը մեղադրէք այսօր, որ ձեզ ազգովին ազատած ենք։ Ու կը մեղադրէք, որ արտօնած ալ ենք ապրիլ ձեզ, ձեր ուզածին պէս, անցեալին մէջ, այսինքն՝ մեզ ատելով, անիծելով։ Այս չէ՞ ցուցմունքը ձեր եկեղեցիին։ Ու ձեր ներկա՛ն, Ջարդերէն անմիջապէս ետք։

 

-- Որ ստորնագոյն անգթութեան ու տարրական անգթութեան [167] լուծ մը ըրաւ ձեր վարչութիւնը մեր գլխին։

 

-- Մեծ են ձեր բառերը։ Չեմ դառնար ետ։ Պահելով անփոփոխ այժմու պայմանները, ռուսահայերը կէս դար յետոյ պիտի ամչնան հայ ըլլալնուն, պարոն յեղափոխական։ Այս ռէժիմին ձեզի կը ձգեմ յարմար վերադիր մը ճարել։ Ո՞րն է խորհուրդը ձեր ներկային, որ ազատէր ձեզ այն ճերմակ եաթաղանէն, որ շրթունքն է ռուս աղջիկներուն։ Բայց ապառնիին վրայ վիճաբանութիւն մը անտեղի լիւքս, շռայլութիւն է հիմա ինծի։ Ըսէք խնդրեմ, ո՞րն է դարը (անցեալը շահուած գետին է մեզի համար), ուր հայկական երջանկութիւն մը, միակտուր եւ անխառն, լեցնէր այն հողամասը, որուն վրայ ձեր գերութեան դարերուն տրտում իրաւունքը կը բանաձեւէք այսօր, առանց խորհելու, թէ մենք զանոնք, ձեր քաղաքները, երբ մաքրեցինք յոյներէն ու թաթարներէն, աղբակոյտեր էին ու դուք, ժողովուրդ ըլլալէ աւելի՝ այդ կոյտերուն թափառական դիակներ։ Կարդացէք ձեր մէկ կաթողիկոսին սրտաճմլիկ պատկերացումը ձեր երկրէն, իններորդ դարու վերջերը։

 

-- Բայց դուք կը խեղաթիւրէք մեր պատմութիւնը։

 

-- Որ անփառունակ պարտութիւններու, անըմբռնելի պատմութիւններու անվախճան շարան մըն է, քսան դար երկարող տեւողութեան մը վրայ։ Ու տղայականէն վեր միամտութիւն է տակաւին, կառչիլ այդ գարշագին բանին ու անարգել հսկայ, մեծապայծառ գեղեցկութիւնը, որ մեր քաղաքակրթութիւնն է, Պարսից ծոցէն մինչեւ Վիեննա։ Կ’ըսեմ ասոնք, ձեզ վիրաւորելէ աւելի ձեր աչքը փոխադրելու համար ձեր պատմութեան առասպելին, զոր շատ խնամքով պարտաւոր էիք [168] նկատի առնել, ազգային պատասխանատու շարժում մը փորձելէ առաջ։ Յաղթութիւն ու պարտութիւն վիճակներ են, ու ժողովուրդները միայն յաղթանակ չեն արձանագրեր ցեղային հարստութեան մայր տոմարին։ Բայց ձեր կուրութիւնը, յիմարութիւնը բացառիկ է։ Ու նոյնքան յիմար ու բացառիկ՝ ձեր գիտութեամբը փառաւորուելու [169] ձեր նոր հիւանդութիւնը։ Աւելի՛ն. ձեր միամտութեան մէջ ձեզ կը վերագրէք տաղանդներ, որոնք չունեցաք։ Ուրիշներու ծառայող ձեր զօրավարներուն համբաւը աժան ու դիւրաւ կը տարածէք ձեր «աղբարիկներուն» վրայ ու կը յաւակնիք հասկնալ զինուորութենէ այնքան, որքան մենք չենք յաւակնիր ասիկա սարաֆ ութենէն, օրինակի մը համար։ Ձեր պապերը խելօք, վիզերնին ծուռ, համեստ ապրեցան ու գիտցան շեղեցնել մեր արդար նախանձը իրենց ձեռնարկներէն։ Ձեր պապերը չպարծեցան իրենց օտար տաղանդներով։ Ե՞րբ, ո՞ր դարուն եղաք տէրը   --բայց ոչ անուանական--   ձեր հողերուն, որոնց վրայ մորթուելու սխրալի հերոսութիւնը չէք զիջանիր ճիշդ դատելու։ Ու մոռցած էք հինգ դարը, որոնք մեր ու ձեր հոգիները իրարու կապեցին՝ ինչպէս լուծքի մը եզները։ Զիս հեռուները կը տանի փորձը ձեր ժողովուրդը տեսնելու մեր փառքի դարերուն մէջ։ Ու կը դառնամ ձեզի։ Ըսէք, կը կրկնեմ. ո՞րն է անունը ձեր թագաւորին, որ ձեր պատմութեան մէկ շրջանը ազատէր անկանգելի իր ամօթէն ու յանձնէր տեւողութեան իբր գէթ տանելի տժգունութիւն մը։ Կը տեսնէք, որ բաւական կը ճանչնամ ձեզ։

 

-- Փաշա՛, կ’ուրանաք շատ բան, ամէնէն առաջ հոգին իսկ մեր ժողովուրդին, զոր կը յաւակնիք դատել շղթայապիրկ իր դարերուն ընդմէջէն։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ, թէ հակառակ ձեր թուած պայմաններուն օղակին, մենք տուեր ենք մեր երկրին դիմագիծը մեր հոգիին։ Հայկական բարձրաւանդակը կառոյց մըն է բնութեան՝ որքան մարդուն ձեռքով մէջտեղ եկած։ Բոլոր այդ քաղաքները կը կրեն կնիքը մեր հանճարին։ Աւելի՛ն. ձեր արհամարհած այդ ժողովուրդը կը կրէ իր մէջ ամէնէն քաղցր իսկութիւնը, արտածորումը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին։ Իր եկեղեցական երաժշտութիւնը, հակառակ այնքան աղաւաղումներուն՝ չունի իր նմանը ամբողջ Արեւելքի մէջ։ Իր աշխարհիկ երաժշտութիւնը անպարագրելի քաղցրութիւն մըն է, զոր անկարելի է լսել ու չխռովիլ խորագոյն ալքերը մինչեւ։ Աւելի՛ն. չկայ Արեւելքի մէջ տիպար մը, որ բարութեամբը, ճակատագրապաշտ համեստութեամբը, ժուժկալութեամբը ու երկինքն ու երկիրը հաշտեցնող իր երեւակայութեամբը մօտիկը դրուի հայ գեղջուկին, լուծքը առջին [170] երբ կը վարէ, կամ բանտերուն խորը երբ կը սպասէ մահուան։ Բարութիւն, հեզութիւն, խոնարհութիւն, հաւատաւորութիւն, ասոնք մեր ստեղծած սրտառուչ գեղեցկութիւններն են, մեր գերութեան իսկ անդունդէն։ Ու կ’ուրանաք, այսքան դժնդակ պայմաններու մէջ, մեր մեծութիւնը այս գեղեցկութեանց ծառայելու։ Մենք ենք տուած Մօտ Արեւելքին՝ մեր լրջութիւնը, մեր թախիծը, մեր անմեռ հաւատքը դէպի լոյսն ու դէպի արուեստը։

 

-- Պատրաստ եմ բանալ ձեր աչքը տրտում, տղայական այդ միամտութեան ալ վրայ, որ ձեզի կը թելադրէ ձեր արուեստին հրաշալիքները տարփողել։ Փառասիրութիւնը կամ նախանձը, մեծ ազգերու մօտ դէմք բերելու, աս չէ, որ խնդրոյ նիւթ կ’ընեմ։ Այլ յաւակնութիւնը Եւրոպայի հանրութեան կարծիքը տպաւորելու։ Այլ՝ հաշիւները, որոնք արուեստէն անդին կը նային։ Կը հաւատաք օրկան ներու ա՛լ նորոյթէ ինկած հեքիաթները թարմացնելու դերին հետ, [որոնք] [171] կը ջանան ազգերու ուշադրութիւնը հրաւիրել ձեր երաժշտութեան, բանաստեղծութեան ու նկարչական տուրքերու վրայ։ Բայց չէք կասկածիր, թէ եւրոպական յառաջադէմ ազգերուն յիսուն միլիոննոց զանգուածին մէջ յիսուն հատ մարդ չկայ, որ այդ բաներով խանդավառուի, ո՛չ թէ օտարէն, ի՛ր իսկ զաւկըներուն տաղանդովը հրամցուած։ Կրնաք չորս­հինգ հարիւր արթիսթ տպաւորել, որոնք ձեր երգիչներուն ձեռքերը պիտի թօթուեն, քաղաքավար գովեստներու փունջով մը, փակելով ձեր ընդարձակ պահանջները, ակնկալութիւնները այդ աշխատանքէն։ Երբ, մեծահռչակ արուեստագէտներ իսկ կը դատապարտուին լիրբ ուրացումի, ալ ո՛ւր կը մնայ ձեր լաւատեսութիւնը ձեր բանաստեղծներէն ու միւսներէն։ Արեւելքի աննշան մէկ ցեղին արուե՜ստը։ Այս պատրանքը բարձրակէտն է ձեր անհասկացողութեան։

 

-- Ո՞վ ազատեց Հելլադան։

 

-- Աւա՜ղ, այո՛։ Հելլադան։ Բայց ռուսը։ Ռո՜ւսը։ Որ ազատեց անկէ յետոյ Պալքանները եւ ոչ ձեր Անգլիան կամ Ֆրանսան, որոնք չամչցան իրենց զաւակներուն արիւնը թափելու, որպէսզի մեր լուծը մնայ աւելի երկար սերպին կամ պուլկարին վրայ։ Ռո՞ւսը։ Կը հասկնա՞ք իր ճիշդ ողբերգականութեանը մէջ թշուառական այդ կրկներեւոյթը։ Ռո՛ւսը եւ ոչ թէ արուեստը։ Թուրքին տկարացման հարցն էր, որ ազատեց այդ երկիրները եւ ոչ երբեք յիմար Հոմերոսը, զոր շատ­շատ դասախօսները կը մեկնաբանեն դասարաններու մէջ ու կը չարչարեն տղաքը, առանց փրկել կարենալու ձանձրոյթին խոր մեղադրանքը, իրենցմէ ու իրենց դէմէն։ Հելլէն արուե՜ստը։ Դասական ձանձրոյթին ապահովագրուած թանգարանը։

 

-- Ուրիշ դատում դժուար կը սպասուէր արդէն։

 

-- Մեզմէ, սկիւթացիներէս, բարբարոսներէս, այնպէս չէ՞, պարոն յեղափոխական։ Որոնք դասական մշակոյթը կը շփոթեն դասական ձանձրոյթին հետ. ու համ առնելու համար աշխարհէն, հռովմէական բարքերը կը վերակազմեն, կրկէսներու փոխարէն՝ քաղաքները ընտրելով ջարդի եւ արիւնի մրցարան։

 

-- Դուք կ’ըսէք։

 

-- Մենք կ’ըսենք։ Լա՛ւ։ Մտիկ ըրէք։ Մենք, նոր թուրքերս կ’ըսենք նաեւ ուրիշ բան։ Մեզի համար մշակոյթը գերութեան ճահիճին մէջ թանձր ու կանանչ յօրանջ մը չէ։ Չորս աւերակ, ութ եղանակ, քանի մը աղօթքի գիրք։ Տուած եղայ մեծ զսպանակները ձեր գեղեցկագիտական հպարտութեան։ Աւելի՞ն։ Ձերը չէ։ Մե՞րը։ Մշակոյթը մեզի համար ուրիշ յղացք կը բովանդակէ։ Անիկա, սուրը ձեռքին երկարաձգելն է ինքզինքը միշտ, աւելի շատ հողերու վրայ։

 

-- Հարազատ էք ձեր պատմութեան։

 

-- Մշակոյթը բանակ է, տղա՛ս։ Սուտ են զայն ուրիշ տեղ գտնել ձգտող փիլիսոփաները։ Անոնք ամէնքն ալ ձեզի պէս պարտուած ժողովուրդներու ծոցէն կը յառնեն ու ես ապահով եմ կէս դար յետոյ աշխարհ ինքզինքը սրբագրած պիտի ըլլայ այդ յիմար ռոմանթիզմէն։ Մարդիկ պէտք է տիրեն։ Քալելը քաղաքակրթուիլ է։

 

-- Ընկրկի՞լը։

 

-- Գիտե՜մ։ Ու ձեր դառնագոյն սխալը սնունդ կ’առնէ մեր պարտութեանց վերջին երկու դարէն, որոնք մենէ ընդարձակ հողեր կորզեցին։ Չէ՞։ Բայց մենք կը սրբագրենք մեր պատրանքները ու ձեզի պէս զանոնք չենք սրբացներ։ Մեր բազուկները չհասան մեզմէ տիրապետուած հողերուն։ Ձգեցինք զանոնք։ Բայց ուժովցանք։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ անսպառ շտեմարանը մեր ուժին, որ մեր ժողովուրդն է Պոլսէն մինչեւ Ալթայ։ Միջին Ասիոյ տափաստաններուն մէջ կ’աճի անմեռ մեր հունտը, ա՛ն՝ որմէ չորս անգամ ամբողջ Արեւմուտքը սասանեցաւ։ Մենք ասիական ցեղ մըն ենք ու հարիւրով միլիոն կը հաշուենք։ Հո՛դ է մեր ուժը։

 

-- Ու Հնդկաստանը։ Ու Չինաստանը։ Ու Արաբիան։ Ու Ափրիկէն։ Ու Ովկիանիոյ իսլամ կղզիները։

 

-- Կը ծաղրէք։ Բայց մենք վնաս չենք տեսած կրօնական մեր հմայքէն։ Մենք կը վնասենք ձեզի, մահմետական զանգուածներուն թմբիրը, տկարութիւնը, գերութիւնը [172] հեշտագին ձեր [173] վրայ ալ տարածելով։ Այսօր երեք հարիւր միլիոն սիրտ կը սիրեն մեզ։ Ու ասիկա զանցառելի թիւ չէ։ Դուք երեսուն մարդ չունիք ձեզ սիրող։ Մի խաբուիք միսիոնարներու շարլաթան եղեր[եր]գութիւններէն [174] ։ Ամերիկացին տկարը չի կրնար սիրել։ Վկայ՝ սեւերուն եւ հնդիկներուն համար իր ստեղծած բնաջնջումի մշակոյթը։ Բայց հեռու եմ գացած։ Դուք չէք խորհիր, որ լայնութեան եւ երկայնութեան աստիճանները քարտէսներու զարդը չեն մինակ։ Երկու հազար տարիէ ի վեր հազարով քաղաքակրթութիւն ծաղկեցան այն հողերուն վրայ, որոնք մերն են ա՛լ։

 

-- Կ’աճապարէք։

 

-- Բացարձակ է մեր վճիռը։

 

, - Ինչպէս մինակ տրուած ամէն վճիռ։

 

-- Կը բարկացնէք զիս, վասնզի մեզ նախատելու բոլոր ձեւերը կը ներեմ ձեզի, բայց այդ մէկը՝ ո՛չ։

 

-- Բայց ո՞ւր, ե՞րբ [175] ՝ ձեր քաղաքակրթութիւնը, փաշա՛։

 

-- Ատոր ալ ատենը կու գայ։ Իսլամին յանցանքն է, որ կը քաւենք։ Ձեզ բնաջինջ ըրած չըլլալուն անհեթեթ, ապուշ մեղքը։

 

-- Նոր չէ այս զղջահարութիւնը։

 

-- Բայց նոր է զայն սրբագրելու մեր վճիռը։ Անշուշտ, չէք բաւական միամիտ այդ ուժն ալ զլանալու մեզի, ինչպէս յոխորտալով, զինանշան կոխկռտելով կը պոռային ձեր հերոսները, մեռնիլը շփոթելով քաջութեան հետ։ Պուլկարիայէն յետոյ մենք վճռած ենք ըլլալ կարճ ու կտրուկ։ Ատոր փորձը զգացիք տագնապի օրերուն, երբ ամէնէն աւելի անկար նկատուած կեդրոններու մէջ ձեր արիւնը հոսեցաւ։ Ու հոսեցաւ դեսպանական դիտակներու հետաքրքիր սեւեռումին տակ։ Ու եղերական էր ձեր սպասումը Արարատ բարձրացող նոր Նոյեան տապանին՝ անգլիական նաւատորմին։ Ու եղերական է ձեր սրտառուչ խելօքութիւնը օտարին դիմաց։ Ասիկա գիտէինք մենք, որ ձեզ դարերով պահեր էինք ջարդէն։ Հիմա ատեն չունիմ ձեր յեղափոխութիւնը դատելու իբր պայքարի գործիք, որուն արժէքը կը մեծցնէք ամէն մոլեռանդի նման` կամովին զձեզ խաբելով։ Դարերով մակաբոյծ, այսինքն՝ ուրիշներուն խնամքին կարօտ, ընդօրինակեցիք այդ օտարին նայող մարդու հոգեբանութիւնը նաեւ հո՛ն՝ ուր ամէնէն քիչ բախտը կար ատոր։ Արդեօք ձեր պատմութեան դասախօսները ունի՞ն օրինակներ օտարներէ հասած նման օգնութեան մը, նոյնիսկ այն դարերուն, երբ գէշ­աղէկ արքաներ ունէիք, յիմար՝ ձեր բոլորին պէս։ Որոնք Եւրոպայի սիրուն իրենց երկիրները քանդելու չափ անխելք եղան, անսաստեցին Արեւելքին պատգամները ու յամառեցան Արեւմուտք յառիլ` պապերուն կոնդակները շփոթելու չափ բանակներու մարմինին հետ։ Ինչո՞ւ չէք անդրադառնար խորունկ, անդարման, ահաւոր ձեր մինակութեան, որ ձեր կողմէ բնակուած հողերուն թերեւս ալքերէն կը բխի ու կը մարմնանայ ձեր դժբախտութեանցը մէջ։ Արեւելքի ամէնէն ատելի ազգը եղաք, միշտ. ու ասիկա՝ առանց պատճառի։ Գոնէ հրեաներ ըլլայիք։ Ո՛չ միայն այդքան, այլեւ՝ ամէնէն անխելքը, որ անընդհատ քիթին չդրաւ իր ճարած տասնաբանեան ու ձգելով տունին ձաւարը՝ շուկայի բրինձին վազեց, հանդիպող մունետիկին ետեւէն, որ չհասկցաւ, թէ մարդիկ երբ իշուն չեն հասնիր, միշտ փալան ին զարնեն պիտի։ Թէ՝ ուրիշներ պիտի օգտագործէին իր սխալները ի նպաստ իրենց փորին։ Ձեզ քշեցին, կը քշեն, պիտի քշեն առաջ, ու ձեր մատներով շագանակներ պիտի հանեն կրակէն։ Սխալի մէ՞ջ եմ արդեօք։

 

-- Ուշացած մարգարէները իմաստուն կ’ըլլան, փաշա՛։ Ու ազգերու շարժումները իրենց արդիւնքով պիտի գնահատուին։ Կարելի է ձեր բոլոր փաստերը դարձնել ձեր դէմ, մինակ ձեր պատմութեան վերջին դարուն հետ հոյակապ իմաստութեամբը [176], որ ձեզի շահեցաւ հոգեւարք ժողովուրդի տիտղոս մը մինչեւ անգամ։ Այնպէս որ, խելքի տախտակներով չկոտրենք իրար գլուխ։ Մե՛նք պիտի շահինք, երբ բաղդատութիւնը խորացնենք մինչեւ Վիեննա՝ ինչպէս կ’ըսէիք։

 

-- Մեր սխալներովը ձերինը արդարացնելու ձեր յիմարութիւնը։ Մեր նուազումով ձեզ աճած կարծելուն անըմբռնելի սոփեստութիւնը։ Բայց ուրիշ բան է մեծահարուստ կալուածատէրի մը համար մէկ­երկու կալուածներու կորուստը, ուրիշ՝ աչք մը տուն ունեցողին՝ կործանումը այդ բունին։ Ու ա՛ս է, որ չէք հասկնար։ Ու աւելի՛ն. աղօթող ու օրհնող իր տէրէն, որ ձեր եկեղեցականութիւնը եղաւ դարերով, շատ գիտնալու յաւակնութիւն մը կրկէս ձգեց նոր օրերու դիւանագէտներ։ Էշը իր չկերած խոտէն ուտէ, կը խենթանայ կ’ըսեն Անատոլուի մեր գիւղացիները։ Դիւանագիտութի՜ւն. եւ որո՜նց ձեռքը, Աստուած իմ։ Պէտք է մօրուքի դիւանագիտութիւն որակել այդ աշխարհահռչակ տխմարութիւնը։ Վասնզի փարթամ վարդապետի մը խելքը ո՜ր հրաշքով ձեզ քշեց իր ետեւէն մինչեւ արքունիքները։ Գոնէ խրատ ըլլար այդ մարդուն կորանքը եւրոպական դահլիճներու մէջ։ Ձեր մեծամօրուս պատուիրակութիւնները ու բառարանով ժմնած ձեր քարտուղարները, ու անոնց ետին կեցող ծիրանաւոր ձեր եպիսկոպոսները, ազգային ականաւոր հռետորները, վարժապետներն ու խմբագիրները խելացի, ա՛յնքան՝ որ չհասկցան նոյնիսկ, թէ թուրքին հաշւոյն կը գործեն։ Եւ որոնք արքունիքէ արքունիք իրենց մօրուքները ցուցադրելէ ու խոշոր քիթերը տրորելէ յետոյ, սպասման սրահներու մուտքին իսկ չարժանացան ի վերջոյ։ Չափեցիք Եւրոպայի պալատները ու դարձաք կորած, թուղթի կտորի մը վրայ վեց տողնոց ողորմութեան մը խոստումով։ Եւ սակայն ձեր կարելին զոհած էիք ռուսերուն։ Ու ձեր յամառութի՜ւնը՝ յարատեւելու այդ պատրանքին։ Մէկ դարու մէջ դուք խաբուեցաք ձեր այդ ռուսէն նոյնքան հանդիսաւոր կերպով ուրիշ անգամ ալ։ Ու պիտի խաբուիք վաղն ալ, եթէ առիթը տրուի։ Ու կը խաբուիք տակաւին այսօր, աւելի քիչ խոստումներով։ Պատուիրակութեանց տեղ հիմա ունիք ձեր մարմինները, որոնք համակրանք կը մուրան, մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք` օրինակը ընծայելով աշխարհէն անմասն մտայնութեան մը։ Մինչ ձեր պապերը գտեր էին ճամբան, առանց այդ հրապարակային նուաստացման, տասը մարգարէի փոխարէն մէկ Աստուծոյ մը աղաչելով, ոչ թէ վեց, վաթսուն տողերու այլ վաթսուն էջ ազատութեան։ Ձեր Սահմանադրութիւնը Անգլիայէն չեկաւ։ Անկէ առաջ ձեզ պաշտպանող մտայնութիւնը Արեւմուտքէն փոխ առնուած յղացք մը չէր մեր վարիչներու ուղեղին խորը։ Դուք տէրն էիք նոյնիսկ մեր վարչական մեքենային։ ԺԸ [177] դարուն ձեր ամիրաները, չորպաճիներն են, որ կը ղեկավարեն մեր եպարքոսները։ ԺԹ դարուն [178] մայրաքաղաքը իբր շէնք ու խրախճանք ձերն է բոլորովին։ Գաւառներուն մէջ ունիք շուկան ու դրամը։ Գործերը եւ ազատութիւնը ձեր կրցածին պէս մեր երկիրը շահագործելու։ Ասոնք քարոզ չեն, այլ՝ դառն ճշմարտութիւններ։

 

-- Կը խնդրեմ, որ խնայէք ինծի հեքիաթը ձեր բարերարութիւններուն, գուրգուրանքին, մեզի հանդէպ ձեր անհուն, անշահախնդիր, սիրտբաց բարեացակամութեան։

 

-- Տկարի բարկութիւն ու յուզում, որոնք ձեզ անիրաւ կ’ընեն, առանց թերեւս ձեր [179] ուզելուն։ Ըսածներս հաւաստումներ են միայն, պատմութենէն ու մօտիկ, շատ մօտիկ անցեալէն վերցուած, որոնք տաղանդով չարափոխեցին ձերինները` ստեղծելու համար հեքիաթը հարստահարութեանց, զոր չեմ ուրանար, բայց որոնք ձերիններուն չափ մերիններն ալ կը հարուածէին։ Ձեր միջամտութեան արդիւնքը գիտէ՞ք ուր է, որ վնաս բերաւ ձեզի, ճիշդ հարստահարիչներուն աչքը բանալու հարցին մէջ։ Ու ձեր այդ գեղեցիկ խելքով է, որ ձեր վրայ կեդրոնացուցիք չարիքին ամբողջութիւնը։ Հիմա գաւառի բռնաւորիկները իրենց ախորժակներուն գոհացում տալու ատեն, կ’այցուին նոր ցուցմունքէն, ու մեզի սորվեցուցիք պետական իմաստութի՜ւն։ Ահա մտածումներ, որոնք կողմ պէտք չէ ունենան ձեզի անհաճոյ ըլլալու [180], պարոն յեղափոխական։ Աւելի արդարօրէն [181] մօտենալու համար, ակնոցի փոփոխութիւն մը՝ եթէ կը հաճիք։ Առանց ատոր [182] պիտի չդադրիք բան չհասկնալէ սա աշխարհէն, որ քերթուածի եւ վէպի մէջ միայն գոյնը կ’առնէ ձեր երազներուն։ Պետութիւն չունեցող քաղաքագէտներն են միայն, որ կը յաւակնին օրէնքներ տիրապետող ընել հողերու վրայ, ուր այնքան տարբեր աւանդութիւններ, արիւն ու ճակատագրականութիւն կ’իշխեն դարերէ ի վեր։ Ո՞ր հրաշքով՝ քսան դարէ ի վեր աւազակութեամբ ապրած ժողովուրդներ քանի մը տարուան մէջ պիտի հարկադրէինք քիչ­շատ խաղաղ աշխատանքին։ Ո՞ր հրաշքով՝ քսան դարէ ի վեր մորթուիլ ուզող ժողովուրդ մը պիտի արգիլէինք իր յիմարութենէն։ Ինչո՞ւ ճիշդ չէք դատեր ձեր պատմութեան մեծ վայրկեանները։ Ինչո՞ւ արդար չէք, գնահատելու համար, իր ճիշդ իմաստին մէջ, ազգովի ձեր այն շարժումը, որով ձեզ նետեցիք դուրս յոյներուն լուծէն դէպի մեր հովանին, երբ մեր բանակները այս հողերէն ցամքեցուցին ապականութեան ու դաւի մեծ ճահիճը, որ բիւզանդական քաղաքականութիւն կը կոչուէր։ Ու թող ներուի ինծի ձեզ յիշեցնել այս ամէնուն տարօրինակ այժմէութիւնը։ Յոյները ձեզ կ’ատեն հիմա, ինչպէս միշտ, ճիշդ իրենց պատմութեան այդ լոյսերէն։ Ի՞նչ տեսաք դուք ռուսերէն, զորս կը պաշտէք ձեր անձերէն աւելի, ինչպէս ըլլալ է մեծ գիծը ձեր ցեղային նկարագրին, այսինքն՝ սեփական փոքրութիւններուն խուլ մղումին տակ ինքզինքը արհամարհել, աւելի շատ արենակիցը, բայց աճեցնել օտարը` անոր ծառայելով մտադիւր ու յօժար։ Առաջ չեմ երթար սպաննող բառեր զետեղելու, որոնք պիտակներ են ձեր այդ հոգեբանութեան։ Բայց չեմ ալ կրնար ձեր ուշադրութիւնը չկանչել այն մոռացումին, որ ձեր մտաւորական ընտրանին կ’ընէ այսօր կոյր ներկայէն՝ ինչպէս անցեալէն։ Կան ժողովուրդներ, որոնք գերի են ծնած՝ ինչպէս անհատներ։ Ու ծնունդի այդ տախտակը չի փոխուիր դիւրաւ, քանի մը կարկտան թագաւորութիւններով։ Ուրի՞շ բան ըրած էք դարերով, նո՛յնիսկ՝ երբ խամաճիկ արքաներ ունէիք, հիմակուան թատերական հանդիսանքներու ատեն ըրածնուդ նման, երբ կը հագուեցնէք ձեր դերասանները, թուղթէ թագերով ու թիթեղ սուրերով, ու կը պոռաք Հայաստանի երեսին, երբ անիկա քարոզ ու ողբերգական նիւթ է տափակ բանաստեղծի մը բերնէն։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ ձեզ այնպէս՝ ինչպէս որ էք, այսինքն՝ ամէնէն առաջ իրարու գլուխ պատռելու մէջ անհուն կատաղութիւն։ Ու ասիկա նորէն՝ հիմա, երէկ, դար մը, հազարամեակներ առաջ։ Հիմա չունիք Տիզբոն կամ Բիւզանդիոն, ուր վազէին ձեր նախարարները, ու իրենց զէնքերը այրուէին [183], անձը ծախէին աժան, ծախէին ձրի, հեշտանքով, այդ արքայից արքաներուն, Վասիլոսներուն լուծը ձեր հողերուն վրայ աւելի ամուր ընծայելու։ Բայց ունիք պզտիկ պահականոցները, ոստիկանները, ուր կը դիմէք ձեր եղբայրը մատնելու, երբ ձեզմէ չ’ուզուիր անգամ ատիկա։ Հաւատացէք, պարոն յեղափոխական, տխուր բան է թերութիւններ ստիպուած ընդհանրացնել, վասնզի ժխտական գիծեր աւելի ճիշդ կ’ըսեն [184] ։ Ու տխուր բան է միւս կողմէ, խօսելով ձեր, հերոսներուդ հաշուոյն, այժմու սրտառուչ ու բարձր ձեր անձնազոհութիւնը, զոր կը գնահատեմ, վերածել անիմաստ տոնքիշոտութեան մը, զայն վիրաւորելով, գունաւորելով մեղքերովը ձեր անցեալին ու զանգուածին։ Կը տեսնէք, որ անգութ բաներ կ’ըսեմ, որոնք ձեր սա պայմաններուն մէջ արիւնոտ մղձաւանջ մը կը կախեն ձեր հոգիէն։ Բայց ասոնք ըսեր եմ ես Ժընեւ, Փարիզ, Լոնտոն, ուր կը գործեն ձերինները։

 

-- Շփում ունեցա՞ծ էք մեր վարիչ յեղափոխականներուն հետ։

 

-- Ձեր հարցումին ջերմութեան մէջ իսկ կը մատնէք ձեր միամտութիւնը։ Ի՛նչ որ չի ներուիր իրենց, բնազդական ու անխելք արհամարհանքն է, զոր բոլորն ալ կը սնուցանեն թուրքին ու անկէ բխած ամէն արտայայտութեան դէմ։ Ամէն մարդ իրենց համար Սուլթան Համիտէն ղրկուած ծառայ մըն է, որ պաշտօն ստանձնած է յեղափոխականները կաշառելու։

 

-- Բայց, փաշա՛, սխա՞լ կայ այդ մտայնութեան մէջ։

 

, - Անշո՛ւշտ։ Թուրքերը շատ դրամ չունին բոլոր անգործները, անօթիները կշտացնելու։ Զիս չհասկցան ձեր մարդիկը։ Վասնզի կաշառք չառաջարկելէս զատ, զիրենք կը հրաւիրէի խելքի։ Ու ծիծաղեցան՝ երբ ձեզի պարզուած սա գաղափարներուս մէկ մասը իրենց ալ մատուցեցի [185] ։ Կազմուած, ամրապինդ մտայնութիւնները աւելի դժուար կը քանդուին, քան ճենովացիներէ ձգուած աւերակոյտները։

 

-- Արիւնէն առա՞ջ էր ձեր առաքելութիւնը։

 

-- Առաջ ալ, վերջն ալ։ Արիւնը զիրենք ըրած է աւելի անտրամաբան։ Ու աւելի ալ անգութ։ Հիմա մոռցած են, թէ ժողովուրդ մը կայ ասդին, որուն գլուխին վրայ երդում կ’ընեն, եւ զոր կը վտանգեն, հետզհետէ խորացնելով խրամատը երկու ժողովուրդներու միջեւ։ Չեն հաւատար, թէ թուրքին դէմ կռուելով, կռուած կ’ըլլան արմատներուն իսկ դէմ իրենց ցեղին։

 

-- Հին պատմութիւն։

 

-- Նոր, միշտ նոր է պատմութիւնը։ Քաղաքական վիճաբանութիւնը միւսներէն կը տարբերի իր հետեւանքներուն եղերականութեամբը։ Չեմ գիտեր, թէ կէս դար յետոյ ի՛նչ փոփոխութիւն կը ստանայ սա պատի քարտէսը։ Բայց գիտցէք, թէ կէս դար յետոյ, շարունակելով ձեր այժմեան գաղափարներու ձեր սա դարպասը, դուք իրագործած պիտի ըլլաք ձեր ճակատագիրը։ Յոյս չունիմ, որ կէս դար յետոյ Հայկական Խնդիր մը գոյութիւն ունենայ այսօրուան ձեւով։ Վասնզի զայն լուծելու եղանակներէն հիմնականը մենք ունինք մեր տրամադրութեան տակ։ Ասիկա սպառնալիք կամ մարգարէութիւն չէ։ Պատերա՛զմ մը, ու ամէն բան կ’աւարտի։ Ըսած եմ ասոնք անոնց, որ փոխ դրամով կ’ապրին եւ յեղափոխական թերթեր կը հանեն, բայց կը հաւատան ուրիշ բաներու։ Չեն հասկնար, վասնզի միտքի վաչկատունութիւնը գոյութիւն ունի մարմնականին նման։ Չեն հասկնար այդ երիտասարդները, վասնզի դուրս են հիմա հողին ձգողութենէն ու սաստէն։ Գիտէ՞ք, որ դաշտերը հոգի մը ունին ու պատժել գիտեն իրենց անհնազանդները։ Ժողովուրդի մը անկումը կը սկսի, երբ արմատախիլները, դժգոհները դադրին իրենց բացառիկ կողմէն եւ զանգուած դառնան։ Առաջին խենթութիւններէն յետոյ, մեր հողերուն վրայ ձերինները վերադարձան իրենց աւանդական զգուշութեան։ Ինչո՞ւ այս իմաստութիւնը չայցելէ նաեւ անոնց, որոնք դուրս են թուրքին պարունակէն։

 

-- Կը խօսիք ոչ­թուրքի մը պէս։ Ու այս պարագան զարմանք՝ ինչպէս քաջութիւն կու տայ ինծի ոչ թէ վիճաբանելու, այլ ըսելու [186] քիչ մը բան մեր ալ իմաստութենէն, զոր կը տարազէք ձեր նկատումներուն փաթաթներովը։ Յետոյ՝ չէք ծաղրեր մեզ, ինչպէս կ’ընէ անհուն մեծամասնութիւնը ձեր պաշտօնեաներուն, երբ խօսի այդ Հարցին վրայ մեզի հետ։ Ասիկա ձեր մօտ մարդկութեան նշոյլ մը կ’ենթադրէ։

 

-- Շնորհակալ եմ այդ քիչին համար ալ…

 

-- Սիրոյ զգացումները, յարգանքի փաստերը զերծ են հեգնութենէն, փաշա՛։ Այս պայմաններուն մէջ ես վեր եմ ձեր նկատումներէն։ Ուրախութիւն է ինծի հաստատել թուրքերուն մօտ ձեզի պէս մարդեր։ Ու բացառութիւն՝ թուրք դպրոցէն, որ անարգի բռնութիւնն է ու միջնադարեան, հաստ գերութիւնը հպատակներու գլխուն։ Ներեցէք, որ համարձակիմ իմ կարգիս ձեզ կանչել սա շատ տարրական ճշմարտութեան, կ’ուրանա՞ք անկախութեան իրաւունք մը մեր ժողովուրդին։

 

-- Արդէ՜ն։ Կարելի՞ է խօսիլ հայու մը հետ, առանց իյնալու այդ խորխորատին մէջը։ Կը զեղչեմ շատ, չափազանց շատ բան այդ անկախութեան կապուած հարցերուն թնճուկէն, որ ձեզի պէս [187] ընկերվարական սկզբունքներու ծառայող մարդոց մօտ ալ չի դադրիր գոյ ըլլալէ ու կը դնեմ փաստ. ի՞նչ բանի պէտք պիտի գար այդ ազատութիւնը։ Անշուշտ անծանօթ չէ եւրոպական կարգ մը մտածողներու վճռական կեցուածքը փոքր ազգերու ազատագրութեան գաղափարին դէմ։ Ամենալուրջ միտքերը այսօր կը միանան մեզի, Յունաստանի անկախութիւնը իբր նոր յիմարութիւն մը դատապարտելու։ Հայերո՞ւնը։ Կը կրկնեմ. ի՞նչ պիտի ընէիք այդ մոգական տարազով։ Զայն կերպադրելու ձեր առաջին փորձը ձեզի արժեց կէսը ձեր ժողովուրդին, վասնզի երկու տարուան մէջ դուք զոհեցիք ձեր երիտասարդութիւնը, հասուն տարիքը, առեւտուրը եւ տնտեսութիւնը։ Զայն ունենալու ուրիշ փորձ մը, ապահով եմ, ձեզ պիտի վտանգէ հիմնովին։ Վասնզի դէպքերը քալեցին ձեզմէ չսպասուած ճամբաներով։ Արդիւնքը մեզի համար սրտապնդիչ է տարօրէն։ Ձեզ ջարդեցինք ու ատով ջերմ ու սրտագին բարեացակամութիւնը ապահովեցինք [188] ձեր պաշտած ռուսին, որ մեզի չափ շահագրգռուած է ձեր բնաջնջումով։ Սո՞ւտ կ’ըսեմ արդեօք։

 

-- Ցարերու Ռուսիան։

 

-- Միշտ ալ պիտակ մը դժուար չէ ճարել քաղաքականութեան մը համար։ Բայց դժուար՝ մոլորած ուղեղ մը լոյսին հանդերձել։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ Եւրոպան։ Ձեզ ջարդեցինք։ Ու ձեր ապաւինած Եւրոպային ալ բազկերակը չափած եղանք։ Մեր վախերը մեզ կամաց­կամաց կը լքեն այդ քրիստոնեայ Եւրոպային մղձաւանջէն։ Հիմա աղօտ՝ բայց պարզ, կը գծուի մեզի համար հեռանկարը մերձաւոր գալիքին։ Առանց մեծ անհանգստութեան, ներկայ պայմաններուն մէջ դիւրին է երկիրներ մաքրել անբաղձալի տարրերէն ու մնալ անպատիժ։ Քսաներորդ դարը, աւելի դրապաշտ, պիտի սակարկէ։ Անշուշտ պիտի գտնուին թերթեր ու բերաններ, որոնք մեզ դատափետեն պիտի, բայց պիտի խելօքնան, երբ մեր կառավարութիւնը լրջօրէն մօտենայ իրենց։ Վասնզի ձեր Եւրոպան հոգեպէս վար է մենէ, երդումով կ’ըսեմ ասիկա, պարոն յեղափոխական։ Ձեւական սրտնեղութեան մէջ իսկ վարչապետներ, իրենց երկրին քաղաքական ուղեգիծերը պարզելու ատեն, պիտի զգուշանան մօտենալու թուրքին։ Աւելի՛ն. պիտի վարանին դարպասելու մեզ, վասնզի ի՛նչ ալ ըլլայ յեղափոխականներուն կարծիքը մեր մասին, մենք մեծ ենք ձեզմէ, բանակ ունինք, որ կրնայ հրաշքներ գործել, հողերու խորը անմատոյց գանձեր, ու երեսին՝ կոյս հարստութիւններ։ Դո՞ւք։– Մարդը միայն, այսինքն՝ մեքենաներու դարուն՝ ամէնէն աժան ապրանքը։ Եւ նոյն ատեն ալ աւելորդը։ Մօտ է ժամանակը, երբ պիտի հաստատուի մարդկային շուկայ անուանուած միջնադարեան գերեվարութիւնը, սա տարբերութեամբ, որ գնորդը պիտի պակսի։ Առայժմ ոչ մէկ ժողովուրդ կարիք չունի ձեր խելքին, որով կը պարծենաք օգտակար ըլլալ ուրիշ երկիրներու։ Չունի կարիք ձեր բազուկներուն, որոնք հողէն հեռու, գործարաններու մէջ կծծի ու շահամոլ՝ [189] գործիքներ կը դառնան, ձեր անձը բուծանող՝ ի վնաս ուրիշին։ Ներեցէք, որ այս մտածմունքները ըլլան տարբեր թուրքէն ձեր ակնկալածէն։ Տակաւին չեմ խօսիր լացովը, աղմուկովը, սուտերովը ստեղծած ջղային մեծ յոգնութենէն ժողովուրդներու, մա՛նաւանդ անոնց վարիչներու ուղեղին վրայ։ Ահագին երկրի մը վարչութեան բեռովը արդէն տագնապուն նախարար մը ի՜նչ անփութութեամբ ականջ պիտի տար ձեր պատուիրակներուն, բանաստեղծներուն։ Ու ձեր գումարել տուած միթինկնե՜րը, քանի մը հազար ունկնդիրներու ձանձրոյթով բանաձեւուած բողոքնե՜րը, որոնք մեզ պիտի խռովեն…

 

-- Այս ամէնէն ետքը, ինչպէ՞ս կարելի է հասկացողութեան գալ ձեզի հետ։

 

-- Բայց ատիկա ձեր մտածելիք եւ գտնելիք բանն է։ Մենք քիչ ալ ուրախ չենք ձեր, յեղափոխականներուդ գոյութեամբը, որ թունաւորման մշտական վառարաններ կը կազմեն ձեր ու մեր յարաբերութեանց մէջ։ Մեր շահը կը պահանջէ, որ այդ վառարանները գործեն այնքան ուժգին, որ վարակուի ամբողջ օրկանիզմը ու փտախտը երեւայ։

 

-- Աւելի քան անգութ բաներ կ’ըսէք։

 

-- Այո՛, եթէ կ’ուզէք։ Անշուշտ, թուրքը ուրիշ բաներ պիտի չըսէր այս սառնութեամբ։ Ես կ’աւելցնեմ՝ այս ալ կշռադատութեամբ։ Բաներ կան, որոնք ճակատագրական են երկրի երեսին։ Հակառակ իր ընդարձակութեան՝ այդ երեսը վիրաւոր է անապատներով եւ ուրիշ թերիներով։ Փոխադրեցէք բնական այս երեւոյթները [190] ոգեկանին ալ վրայ, պիտի չըլլաք սխալի մէջ։ Ժողովուրդները պտուղներ են, ու այս պարագան անգիտելը՝ աղէտի աղբիւր անոնց համար, որոնք կը յաւակնին ժողովուրդ վարել։ Ինչո՞ւ չէք կրնար այս ստուգութիւնները դատել առարկայական պարզութեամբ։ Եւրոպայի, Ամերիկայի մէջ ո՞վ է այսօր անհանգիստ Ալճերիային, Եգիպտոսին, Հնդկաստանին, ամբողջ Ափրիկէին եւ Ասիոյ գերութեամբը։ Մտածա՞ծ էք սա անհերքելի ճշմարտութեան։ Ո՞ր ժողովուրդին հոգն է հատեր, որպէսզի աւելորդ ըլլալով յօժարի նաեւ ուրիշին, ան ալ «հայուն սեւ աչքին ու յօնքերուն» համար, այն հայուն, զոր իբր լուրի տիտղոս միայն կը ճանչնայ իր թերթէն։ Ո՞ր իրաւունքով կը պահանջէք, որ օտարները շահագրգռուին ուրիշներով։ Ո՜վ ձեր միամտութիւնը թուղթին, ու հեռագրին վրայ՝ ձեր անսահման վստահութիւնը։ Քիւրտ աւազակի մը կողմէ գործադրուած երկու սպանութիւն կը յաւակնիք պետական խնդիր ընել ու կը պահանջէք, որ ձեր մօրուսաւոր պատուիրակներուն տեղեկագիրներովը վեց պետութիւնները ծանուցագիր ղրկեն Պապը Ալի ։ Միւս կողմէ՝ չէք կարդար անգամ Չինաստանի մէջ Պոքսըրներու շարժումը եւ անոր ստեղծած համաշխարհիկ շահեկանութիւնը։ Չէք հետաքրքրուիր Չիլիի եւ Պոլիվիայի միջեւ պատերազմի խժդժութիւններովը, հսկայ ծովախաղացքի մը պատճառած զոհերովը, կամ մեծ երկրաշարժի մը, հրդեհի մը կողմէ շէն քաղաքներու հիմնայատակ կործանումովը։ Քանզի այս ամէնը հեռու են ձեզմէ։ Ու երբ երկրի մը տէրը եղող թուրք մը բեռ մը փայտ կտրէ դրացի գեղի մը պատկանող անտառէն, կը սպասէք, որ աշխարհ իրար անցնի, անգլիական նաւատորմը շարժի դէպի այդ գիւղակը ու թուրքերը ջնջուին քարտէսէն։ Այս ամէնը տառացի կերպով ճիշդ են։ Ու ճիշդ՝ նաեւ միւսները։ Ձեր փառաբանած Ֆրանսային մէջ քանի՞ հոգի՝ որ գիտնայ, թէ հայ ժողովուրդ ըսուած բան մը կայ Արեւելքի մէջ, որ կը տառապի թուրք եաթաղանին տակ։ Ու կը տառապի… հարստանալով, աճելով թիւով ու քաղաքակրթութեամբ։ Ֆրանսացի հռչակաւոր բանաստեղծ մը ձեր ուրիշ մէկ բանաստեղծին տուած մէկ ունկնդրութեան մէջ անկեղծ է եղած յայտնելու, թէ հայերէնը առաջին անգամ է, որ կը լսէ՜։ Ու ասիկա ձեզի դաս չ’ըլլար, պարոն յեղափոխական։ Աշխարհ գոնէ գիտէ, թէ Չիլի մը կայ, բայց բացի դիւանագէտներէն, դեսպանատան տեղեկաբերներէն ո՞վ՝ որ գիտնայ, թէ հայը ազգ է եւ իրաւունքներ կը բանաձեւէ։

 

-- Յաղթականի իմաստութիւն։

 

-- Այո՛, եթէ կը հաճիք։ Որ իրաւունք ունի արժելու գոնէ պարտուածի ձեր սա իմաստութենէն աւելի, քանի որ փաստն է տուած իր ճահաւոր արդարութեան։

 

-- Որ սակայն չի կրնար յաւակնիլ քաղաքակրթութիւն որակուած յառաջխաղացքը փոխանորդելու, քանի որ իր փաստը տուաւ նոր երկիրներ ստեղծելու հարկին առջեւ ճկուն ըլլալու։ Յաղթականի [191] իմաստութիւն, որ ձեզի պիտի ընկերանայ մինչեւ որ ձեր երկիրները մէկիկ­մէկիկ վերադառնան իրենց արդար տէրերուն։

 

-- Ու ձեր ալ պարտուածի անիմաստութիւնը։ Ու ձեր ձանձրոյթը՝ ձեզ մինչեւ այսօր կանգուն պահող առաքինութիւններէն [192] ։ Ու անիմաստութիւնը, երբ ուզեցիք զգեստաւորուիլ ուրիշներով, որոնք ձերը չեղան երբեք։ Յաւակնեցաք զէնքի դիմելու ու չխորհեցաք, թէ մարդ անպատիժ չի կրնար խաղալ կարգ մը բաներու հետ, որոնցմէ առաջինն է թուրքին զայրոյթը, երկրորդը՝ հայերուն հոգեկան յօրինուածքը։ Չէք խորհիր, որ հարիւր, հազար, տասը հազար հայ, նոյնիսկ խնճոյքի համար, քով-քովի [193] չեն կրնար խմբուիլ` առանց իրար ուտելու։ Այս ընդհանրացումը լրտեսի տեղեկագրութիւն մը չէ, ոչ ալ ձեր պատմաբաններէն նորոգուած ողբ մը։ Ասիկա իմ իսկ գտած ճշմարտութիւնն է, երբ ձեր նկարագիրը ճանչնալու համար կատարեցի պտոյտներ հո՛ն՝ ուր ամէնէն աւելի հոծ թիւով կը ներկայանայիք դիտողին ուշին։ չկայ աւելի դիւրին բան, քան ձեզ իրար ձգելը։ Դուրսէն ջանքի կարիք չկայ ատոր համար։ Արդէն ամէն ինչ ներգոյակ է, այդ գիծով, ձեր խառնուածքին մէջ։ Ձեր ազգային վէրքը, իրար կործանելու ձեր ձրի, անըմբռնելի մոլուցքը։ Ու մոռնալ ասիկա, ու յաւակնիլ՝ աւազէն, որ ձեր հոգին է, եզերախոյս [194] ձեր եսերէն ճակատ կազմելու։ Ո՜ր յիմարը պիտի ըլլար ձեզի չափ իմաստուն՝ խիճերով պատ հիւսելու։ Աւելի՛ն. այդպէս հիւսուած պատով մը հեղեղին դէմ թումբ կանգնելու։ Յիմարութիւն չէ՞, առանց նախապայման յարդարանքի (անշուշտ յեղափոխական ձեռնադրուելէ առաջ կարդացած էք ընկերաբանական վարդապետութիւններ) նպաստին փորձել ապրելու [195] ձեւեր, որոնք չեն յարմարիր ձեր [196] աւանդութիւններուն, խառնուածքին, երբեմն քաղաքական ալ կացութեան։ Ի՞նչ պիտի ըսէիք այսօր, եթէ Աթէնքի գերիները պահանջէին իրենց տէրերէն այս քաղաքը, քանի որ իրականին մէջ անոնց քրտինքն է, որ հողերէն դուրս էր հանած այդ կառոյցը։ Ե՞րբ կռուած էք, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, որպէսզի նման փորձարկութեան մը իրաւունքը տաք ձեզի։ Զէյթո՞ւնը։ Սասո՞ւնը։ Ատոնք աշխարհագրական արտայայտութիւններ են, ոչ թէ ժողովուրդի հոգի։

 

-- Կը խեղաթիւրէք նոյնիսկ պատմական գործողութիւններ։

 

-- Այսինքն՝ կ’ըսեմ զանոնք ձեր տարազած, ձեւազեղծած ու փափաքներուն համեմատ ընդունած եղանակէն տարբեր երանգով։ Ու չէք տեսներ անլրջութիւնը շարժումին, որով հազար հինգ հարիւր տուննոց գեղ մը, իր որսի հրացաններով դէմ կու գայ արդիական բանակի մը։ Ասիկա աչքովս ալ տեսնեմ, չեմ հաւատար։

 

-- Իրականութիւն է սակայն։

 

-- Ուրիշ է իրականութիւնը։ Պատերազմը Պոլիս կը մղուի, Պապը Ալիի շրջանակներուն մէջ, դիւանագիտական թուղթերու վրայ։ Անկէ անդին Զէյթունի լեռներուն վրայ կատարուածը ռազմափորձ իսկ չէ մեզի համար։ Ու ահա դժբախտութիւնը։ Այս դերակատարումը ձեզի համար կը շփոթուի իրականութեան հետ։ Ու որսի հրացաններով հերոսներ կը ստեղծէ ձեր երեւակայութիւնը։

 

-- Մեր հերոսները ոչինչով վար են ձեր փաշաներէն։

 

-- Ճի՛շդ վտանգը հոդ է սակայն։ Կրնան այդ մարդիկը հրոսային կռիւներ վարել, ու լեռներուն անհարթութիւնները, դժուարութիւնները ընել իրենց դաշնակից ու հերոսանալ։ Աւելի՛ն. անոնց կը շնորհեմ յանդգնութիւն, քաջութիւն, դիմացկունութիւն, երբեմն յարձակողական եռանդ, բայց միշտ դէպի ետ, երբեք առաջ, միշտ՝ պաշարում մը խզելու ճակատագրական հարկով։ Փախուստի, նահանջի դիւցազներ։ Մեղադրանք չէ, որ կ’ընեմ։ Այլ իր ճիշդ տարազով կու տամ նկարագիրը ձեր վերջին տղայութիւններուն։ Մեզի դէմ զէնք վերցնող հպատակ ժողովուրդներուն մէջ ամէնէն ծիծաղելին էք, ու ասիկա՝ կրկնապէս։ Վասնզի, նախ մեզ ստոր գնահատելու թերութիւնը որդեգրելէն յետոյ, վրան աւելցուցիք ձեզ ալ գերգնահատելու ուռուցիկութիւնը։

 

-- Փաշա՛, մերինները երբեք վար չեղան ո՛չ իրենցմէ, ոչ ալ միւսներէն, որոնց հետ կը բաղդատէք։ Ձեզի խօսողը կը ճանչնայ այս ժողովուրդին մէջ այդ՝ կրակը, վտանգին վրայ վազելու արիութիւնը, ինքզինքը զոհելու անդիմադրելի մղումը, երբ ատիկա պահանջեն իրմէ։ Կը խօսիմ իբր մէկը, որ մօտէն հետեւած է ֆետայիներու կռիւներուն։ Քիչ անգամ սրտոտութիւնը, պաղարիւնը, խելքը, կորովը, գաղափարի մը մէջ հրազինուիլը կը միանան իրարու պարզ հոգիներու խորը այդքան կատարելութեամբ։ Ու քիչ անգամ արտաքին դժուարութիւնները, բնութեան ու թշնամիներուն խստութիւնը դարձեալ քով քովի կու գան այդ մարդիկը զգետնելու։

 

-- Ատոնք չեմ ուրանար։ Կրնաք անհատաբար չվախնալ մահէն։ Կրնաք հզօր անհատականութեամբ տոգորուած տասը, հարիւր, առ առաւելն հազար մարդ ճարել, որոնք պիտի վազեն դէպի մահը, ձեր ըրածին պէս, երգով ու ցնծութեամբ։ Բայց ատոնք ասպատակային հոգեբանութիւնը կը կազմեն, որ բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ, երբ ժողովուրդի մը հաւաքական մարտնչող ոգին կշռի կ’առնուի։ Այդպէս ըրիք ձեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին։ Ձեր ազգային մեծ հերոսներէն մէկը` Վահան Մամիկոնեանը, ուրիշ բան չէ ըրած, քան ինչ որ կ’ընեն հիմա ձեր ֆետայիները։ Բայց չէք ուզեր տեսնել աւելին։ Այդ զօրավարներուն լեռնէ լեռ թափառումներէն անդին ժողովուրդ մը կայ, որ կը կրէ յաղթողներուն ամբողջ գազանութիւնները։ Որ չի կրնար հետեւիլ իր հերոսներուն, ու թեւ ու թիկունք տալ այդ պայքարին։ Զանգուա՜ծը։ Որուն բաղադրութիւնը աւազաքար է ձեր մէջ։ Մինչդեռ կռիւը գործն է միայն ու միայն բանակին։ Ու բանակը՝ քաղաքակրթութիւն մըն է, մէկ զգալու, մէկ շնչելու, մէկ ատելու դժուար՝ բայց փրկարար պատեհութիւն մը։ Դո՞ւք։ Կռի՜ւ կը յայտարարէք, առանց անդրադառնալու, որ օղիի սեղանին վրայ, աղի ձուկի մը պատրուակով իրար կը սպաննէք։ Խա՜կ ձեր հոգին, որ պիտի չհասուննայ երբեք կարգ մը զգայութիւններու։ Միամիտ ձեր տրամաբանութիւնը, որ պիտի չխռովի անհեթեթէն նոյնիսկ, երբ ասիկա յիսուն հազարնոց բանակի մը ձեւով   --մեր նուազագոյն ճիգը--    աւլէ ձեր բոլոր փառքերը այդ լեռներէն ու աւլէ նաեւ ձեր ժողովուրդը իր հողերէն։ Ինչո՞ւ այս եզրն ալ չէք ընդունիր, երբ բախտախաղի կը դնէք ձեր գոյութիւնը ու կը հաւատաք եւրոպական հիւպատոսներուն, որոնք դիւաններու տնօրէններ են ու թուղթի աշխատաւոր։ Դուք պիտի մեռնիք, որպէսզի անոնք այդ դէպքերը տոքիւման ի վերածեն։ Խորունկ յիմարութիւն կայ այս ամէնուն մէջ, վստահ եղէք, պարոն յեղափոխական։ Բայց յիմարներուն մէջ տոյժը տկարներուն վրայ կը դիզուի։ Ինչպէ՜ս չյայտնեմ հոս իմ հիացումս ձեր եկեղեցական հին դպրոցին, որ ցեղային ձեր հոգեբանութիւնը այնքան խոր ճանչցաւ ու ստեղծեց ձեզմէ տեսակ մը հօտ, այդ երկիրներուն ու պայմաններուն մէջ միայն կարելի։ Որ տառապեցաւ, բայց իրագործեց մեծ հրաշքը իր հողերուն վրայ դիմանալու։ Որ հիմա, քաղաքներու մէջ, առած է արդիական նկարագիր։ Ո՞վ փչեց ձեզի հերոսութիւնը, երբ կեանքը միշտ կռիւ չ’ուզեր։ Ի՞նչ էր մեղքը ձեր խորամանկութեան, չարքաշութեան, համբերատարութեան, ժուժկալութեան, բարութեան, որոնք ձեզ ապրեցուցին մինչեւ հիմա։

 

-- Բայց դուք ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ ունիք այդքան ծանօթութիւն մեր անցեալին ու մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մասին։

 

-- Այո՛։ Մէկ հարցումով երկու հսկայ խնդիրներ կը յուզէք, որոնց դրուելու ձեւն իսկ կը տարազէ ձեր մտայնութիւնը ձեր ու մեր մասին։ Կը պատասխանեմ առաջինին։ Ձեզի համար անընդունելի բան է, որ թուրք սպայ մը հայու կտորի մը, ան ալ դատապարտուածի մը հետ, խօսի բաներու մասին, որոնց վրայ մտածելու իրաւունքն իսկ զլացուած է ծնունդով, ամէն թուրքի։ Թուրք սպան, նոյնիսկ Եւրոպայէն դառնալէն յետոյ, պարտաւոր է իր երեք կամ չորս կիները ապրեցնելու համար աս ու ան հարստահարել, ու ամէնէն շատ՝ հայերը։ Թուրք սպան լրագիր միայն կը հասկնայ ու պատերազմի դաշտին վրայ մեռնելու մարզանքէն վեր մտապատկեր մը չունի զինքը ոգեւորող։ Թուրք սպան մոյկերուն տակ կը կոխկռտէ գլուխները նորածիններուն ու կիները կը խեղդէ։ Ահա քանի մը գիծեր ձեր կազմած պատկերներէն մեր մասին։ Զարգացում, իմացական թափանցում, գիտութիւն, արուեստ, իմաստասիրութիւն բաներ են, որ թուրքին չեն պատշաճիր որեւէ ձեւով։ Անիկա միակ ազգային ու տիրական ու պատմական արուեստ մը ունի, սպաննելը։ Դասական է թուրքին անցքը՝ արեւմտեան գրականութեան մէջ։ Ու աւելի քան դասական՝ սա յղացքը ձեր հին ու նոր մատենագրութեան մէջ, որմէ հատուածներ թարգմանած են ինծի ձեր անուշիկ լրտեսները, լուսաւորելով մեզ, փարթամ, աննուաճ եռանդով։ Բայց ընդունելով իսկ պահի մը համար այդ յղացքին աւելորդ իմաստութիւնը (փակագիծի մէջ ըսեմ, որ սպաննելը հեռու բարբարոսական արարք մը ըլլալէ, նոր ժամանակներուն ամէնէն յարգի գիտութիւնն է, ու ապագային ալ գերազանց գիտութիւնը, ու ասիկա՝ ի հեճուկս ձեր, այսինքն՝ մարդկութիւնը նորոգել փորձող նոր խաչակիրներուդ, վասնզի ձեր խօսակցութեան մէջ այդ խմորն ալ կը գործէ բարեբախտաբար, ձեզ շատ արագ տարրալուծող կեղի մը պէս տեղաւորուած ձեր ուղեղին խորը) դիտել կու տամ, թէ ճիշդ չէ մենաշնորհի վերածել կարողութիւններ, որոնք ո՛չ հանճարային են, ոչ ալ անգտանելի։ Թուրքն ալ Արեւելքի ոեւէ ցեղի չափ ներեցէք, որ խելք ունենայ։ Ու առնուազն ձեզի չափ, որ ըստ ձեր յաւակնութիւններուն՝ այսօր տիրապետած ըլլալու էիք ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին, քանի որ խելքի հարստութիւնը չէք զիջիր ուրիշներուն։ Ձեր հարցումին երկրորդ մասը՝ ինչո՞ւ ն, նոր ապացոյց մըն է սակայն ձեր խելքին անծակ, անսրբագրելի խեղճութեան, ու կարկառուն քանդակ՝ մեր [197] մասին ձեր բացարձակ, հոյակապ անգիտութեան։

 

-- Թուրքը չճանչնա՜լ։

 

-- Մի աճապարէք։ Կը թափանցեմ ձեր մտածումներուն ձեզի չափ արագ։ Ըսի ձեր ճանաչողութեան մայր տախտակը։ Ունիմ աւելցնելիքներ, որոնց կասկածը չայցելեց ձեր նոր մտաւորականներուն։ Ձեր մեծ գրագէտներէն, մա՛նաւանդ ամենագէտ խմբագիրներէն ոչ մէկը միտքէ անցուց գոնէ մեր լեզուն սորվիլ։

 

-- Բայց բանակ մը պաշտօնեայ տուինք ձեր կայսրութեան։

 

-- Այսինքն՝ բանակ մը բերան փաթթեցիք մեր վիզին, որոնք մեր հացը կերան ու իրենց զաւկըներուն սորվեցուցին մեզ արհամարհել։ Այս չէ՞ թուրք շրջանակներու մէջ հայ պաշտօնէութիւն որակուած երկդիմի, ստոր մարմինը։ Ես այդ մարդոցմով չեմ զբաղիր, որոնք կ’ամչնան հայ ծնելնուն, բայց չեն կրնար թրքանալ։ Ես կ’ակնարկեմ անոնց, որ զարգացան ձեզի համար, ձեր միջոցներով, ու իրենց պաշտօն տուին ձեր ժողովուրդը առաջնորդել։ Ո՞րն է գրագէտը, որ լսած է մեր բանաստեղծներէն գոնէ մէկին անունը, մինչ ամենախեղճ ֆրանսացի տաղաչափը իր ծննդաբանութեամբը ծանօթ է ձեր ցեղին վարժապետին։ Աշխարհի բոլոր ցեղերէն թարգմանութիւններ կ’ընէք ու ձեր քիթին տակ, ձեզի հետ գրեթէ մէկ զգացող մեծ ժողովուրդի մը արուեստէն տող մը բառ չէք տար, գէթ իբր հետաքրքրութիւն։ Եւ սակայն հինգ դար է, որ կը կառավարենք ահագին երկիրներ…

 

-- Ըսենք [198] ՝ կը պահէք գերի…

 

-- Կը կառավարենք ահագին երկիրներ։ Ու ասիկա առանձին գիտութիւն մըն է։ Անշուշտ, մեր ընկրկումը տխմար չենք ուրանալու։ Խորունկ ցաւով հետազօտած ենք ազդակները մեր նահանջին։ Հիմա ունինք փորձառութիւնը, ճանչնալու՝ բայց վճռական կերպով, ժողովուրդներ, որոնք կը գտնուին մեր ձգողութեան ծիրին մէջը։ Ու կ’աւելցնեմ. ատոնցմէ ամէնէն արհամարհուածը դուք էիք մեզմէ։ Աւելորդ է խորանալ այդ զգացումը ծնող պատճառներուն։ Հիմա սակայն արժէքի անցաք, վասնզի ուրիշ ժողովուրդներու հեռացումովը դուք գրաւեցիք դատապարտութեան աթոռը։ Կէս դար առաջ ոչ մէկ թուրք պաշտօնատար մտքէն անցուցած է ձեզմով զբաղիլ։ Հիմա՞։ Եւրոպա ձեզ ըրած է իր թափանցումին անօթը։ Ահա թէ ինչու հետաքրքիր ենք ձեզմով։ Անշուշտ, այս ըսուածները ձեզի հանդէպ մեր զգացումները ի զօրու չեն տպաւորելու։ Մեր ժողովուրդը չի փոխուիր ձեր մասին իր մտածումէն եւ ձեզի հանդէպ գործելու իր ճամբաներէն։ Հազարապետ Մեհմէտները քիչ են։ Գիտուն եւ քիչ մըն ալ իմաստասէր գլուխները քիչ չափով կ’ազդեն, եթէ երբեք կ’ազդեն վարելու հարցին մէջ։ Թուրքիան այն երկիրն է, ուր աշխարհիկ գաղափարները դեռ չեն իջած զանգուածին։ Ու հայու եւ թուրքի յարաբերութիւնը ամէնէն փափուկ ու կնճռոտ իր ձեւին դարձուցիք։ Ասկէ առաջ անիկա ունէր եղանակ մը, քիչ­շատ հասկնալի, երկուստեք նուիրագործուած։ Վերջին շարժումները խանգարեցին այդ հաստատուած կարգը։ Մի մոռնաք, պարոն յեղափոխական, որ դուք, այսինքն՝ ձեր ժողովուրդը շփման մէջ է միշտ սովորական թուրքին հետ։ Ու այդ թուրքը մէկ կերպ միայն կը հասկնայ տիրոջ եւ հպատակի յարաբերութիւնը։ Որքան ալ դառն, իրականութիւնը ուրիշ երես չունի։

 

-- Աւանդական բարբարոսութիւնն է ատիկա։

 

-- Մի աճապարէք։ Սխալ, ու խորունկ սխալ կայ մեր քիչ մը կարճառօտ, արագ, բնազդական գործելակերպը վայրագօրէն դատելու ձեր եռանդին մէջ։ Նախ, այդ բարբարոսութիւնը, զոր փաթթոցին եւ ճիւպ[պ]էին հետ, թուրքին իբր ազգային յատկանիշները, կը ճգնիք ընդունիլ տալ աշխարհին, միայն տաճկական մասնայատկութիւն մը չէ։ Դասական անոր մրցարանը ձեր պաշտած Եւրոպան է նորէն, ո՛չ միայն իր անցեալին մէջ    --յիշեցէք քրիստոնեայ պարեգօտաւոր եկեղեցականներուն խժդժութիւնները, մեծ ու պզտիկ խաչակրութիւնները ձեզի ու մեզի դէմ--, այլեւ՝ հիմա։ Հինգ դարէ ի վեր երկու Ամերիկաները իրենց վաղնջական բնակչութենէն պարպող ոգին մերինին մօտ դրուած՝ տասը հեղ կը գլէ-կ’անցնի մեզի վերագրուած վայրագութիւնը։ Ֆաթիհներու, Գանունիներու բանակները նուազ վճռական չեղան իրենց յաղթանակներուն մէջ, քան Քորթէզներունը։ Այսօր Եւրոպայէն հինգ­վեց անգամ մեծ հողերու վրայ, որոնք ամերիկեան ցամաքը կը շինեն, հետքը չկայ այն քաղաքակրթութեան, որ եւրոպացիներուն մուտքէն առաջ ծաղկեր էր հոն։ Մե՞նք։ Գոնէ ձեզ չջնջեցինք [199] ։ Կ’ամայանան Ովկիանիայի [200] կղզիները իրենց բնիկներէն։ Ափրիկէն առանց իր արեւին եւ մժեղներուն արդէն պիտի ըլլար նուաճուած. այսինքն՝ պարպուած իր բնիկներէն, անողոք, անորակելի մեթոտով մը, զոր չեն վարանիր մինչեւ այսօր գործադրել մեր դէմ կայծակ ու կարկուտ տեղացողները, իրենց ճամբուն ինկած ցեղերը որսական [201] անասուններու նման, առանց բանաւոր, նոյնիսկ սոսկական շահի, սպաննելով, ու ասիկա՝ պա՜րզ, գնդակի հաճոյքին համար։ Այս ամէնը բարբարոսութիւն չէ՜։ Ու է՝ երբ ուժով ժողովուրդ մը կ’աշխատի իր յաղթանակները ձեռքէ չհանել ու իր այդ ճիգին մէջ, մաքրել, քիչ մը արագ, իր խոչընդոտները։

 

-- Ինչո՞ւ կը բաղդատէք մեր ժողովուրդը զուլուներու [202] հետ։

 

-- Ո՜չ, զուլուներու պատկեր մը չէ այս րոպէին միտքս գրաւողը։ Այլ ձեզի չափ քաղաքակիրթ, քրիստոնեայ, եւրոպական ծագումով ու իր շնորհներուն փաստը տուած գեղեցիկ ժողովուրդ մը։ Հարաւային Ափրիկէի երկու հանրապետութիւններուն բնաջնջումը աշխարհի ամէնէն ազատամիտ ժողովուրդներէն, Անգլիայէն։

 

-- Չեն ջարդած։

 

-- Եթէ երբեք ուրիշ բան կը նշանակէ մարդերը փարախներու մէջ բանտարկել ու սպասել, որ մեռնին։ Ահա, պարոն յեղափոխական, ինչն է, որ չէք հասկնար։ Խրամատը խորունկ է ձեր ու մեր դատելու կերպերուն մէջ։ Մեր մասին՝ կարծիքի ամրակառոյց սիսթեմ, զոր խախտելու ոչ մէկ ջա՛նք՝ ձեզ վարելու կանչուած մարդերէն։ Ընդհակառակն, կատարուածը ամրապնդելու ահաւոր, անխելք կատաղութիւն մը։ Չկայ երկու միտք, որ հեռուն տեսնէր, ցեղին ներարկուած այս թոյնին իբր արդիւնք պատրաստուող հոգեւարքը։ Վասնզի ոչինչ ունիք շահելիք, այս մտայնութեամբ։ Բայց վտա՛նգը՝ ամէն ինչ վրայ տալու։ Մէկդի մտածման այդ կերպին սխա՛լը՝ ձեզ կը կանչեմ ամէնէն առաջ ձեր շահին գիտակցութեան մը։ Ո՞րն է Եւրոպան, որ ռուսերու կամքին հակառակ պիտի յօժարէր գոհացում տալու ձեր փափաքներուն։ Ու չեմ հասկնար այս պարզ ճշմարտութիւնները ինչո՞ւ կ’ուրացուին։ Ձեր խեղճ, միակողմանի, մանկական տրամաբանութի՜ւնը։ Հեռազգածօրէն ուժ կը սպասէք այդ Եւրոպայէն, որուն քաղաքագէտները ձեր մէջ մշակեցին ուրիշ փորձանք մը, մեր ցեղային կենսունակութեանց դէմ արձակուած խեցեվճիռը։ «Հիւանդ մա՞րդը»։ Հարկա՛ւ։ Ու դուք հետեւելով ձեր հոգիին խօսող փարատոքս ին, անոնց իսկ չսպասեցիք մեզ [203] մահուան դատապարտելու ձեր խանդավառութեան մէջ։ Եւ սակայն ամէն հոգեւարք մահով չի փակուիր։ Ու շատ են գերեզմանէն անգամ ետ դարձողները։ Այսպէս մշակուած հաւատքն է, որ ըրաւ ձեզ կոյր ու յիմար։ Այլապէս անըմբռնելի է ձեր ընդվզումը։ Ու աղէ՞տը։ Ան ալ հասաւ, երբ մոռցաք, թէ կ’ապրէիք մեր, այսինքն՝ թուրքերուս մէջ։ Այս սխալը, միացած ձեզմէ ձեր շինած գերգնահատութեան, պատրաստեց Ջարդը, զոր չուզեցինք, չէինք ուզեր, մեր վախերուն քիչ մը շատ ունկնդիր։ Դէպքերը ցոյց տուին, թէ մոռցեր էիք [204] մեր նախնիքներուն հոգեբանութիւնը։ Դէպքերը ցոյց տուին, թէ դուք շատ աճապարած էիք, մեզ մոռնալու ձեր որոշումին մէջը։ Ձեր պապերը աւելի լաւ կը ճանչնային մեզ։ Դուք մեզ չէք ճանչնար։

 

-- Շատ դառն, արենավառ ստուգութեամբ մը։

 

-- Ո՛չ։ Թուրքը ջարդին մէջ զետեղելու ձեր ռոմանթիք յամառութիւնը։ Որ ձեզի արժեց ձեր հոգիին սխալ արեւելումը։ Հինգ դար է, որ կ’ապրիք մեզի հետ։ Պատճառ մը չկար սպասելու այսքան երկար, որպէսզի փորձէինք ձեր վրայ մեր դանակները։ Ըսի, թէ այս դարերը, հակառակ ձեր պատմիչներուն դիտումնաւոր խեղաթիւրումին, հակառակ կրօնական խորունկ թոյնին, որ մեր բարիքները ձեր աչքին չարիք երեւցուց, կը կազմեն ձեր կեանքին տանելի շրջանը։ Ի վերջոյ գերութիւնը գերութիւն է, մա՛նաւանդ ազգերու ճակատով։ Ու պարտուած ժողովուրդ մը սխալը կ’ընէ ատիկա մոռնալու։ Ձեզի համար մեր յարդարած կեա՜նքը։ Բայց տակաւին յիսուն տարի չկայ, դուք տէրն էիք ո՛չ միայն Պոլիսին, ուր ուրիշ բաներու ուշադիր մեր միտքը առանց անտեղութեան գործածեց ձերինը (վասնզի այդ քաղաքին ճակատագիրը տեսակ մը օտարութիւն է, մեղկութեան եւ հաճոյքի կեդրոն մը), այլեւ՝ մեր երկրին այն մասերուն, ուր մեր ժողովուրդը ունի իր խորագոյն արմատները։ Կրկնութիւն չէ, որ կ’ընեմ։ Այլ կ’ուզեմ ճիշդ իր եզրերուն վերածել սա ձեր լոկարիթմուած գերութեան մը առասպելը։ Դուք, անարժան ու անխելք զաւակները ձեր պապերուն, որոնք ձեզմէ հարիւր անգամ աւելի հոգեբան եղան ու հասկցան աշխարհին օրէնքները։ Առանց համալսարան տեսնելու ու յեղափոխական մկրտուելու, անոնք Անատոլուի մէջ ցոյցէ զգոյշ, աչքէ խուսափող՝ գրաւեցին երկրին տնտեսութեան կարեւոր աղբիւրները, յամառ, սուսիկ՝ բայց անվնաս մեթոտներով։ Աւելի՛ն. ըրին ատիկա` սիրելի ըլլալ ալ գիտնալով երկրին տիրոջը։

 

-- Ուղիղ Էլտորատո ն, փաշա՛։

 

-- Աւելի՛ն, տղաս, աւելի՛ն։ Չես խորհիր, որ ամէն մարդ իրաւունքով չէ ծնած Էլտորատոներ ապրելու։ Ու չես խորհիր, որ գերիները իրենց մէջ շատ մը զգայարանքներ պարտաւոր եղան բթացնելու` հիմնականը պահել կրնալու համար։ Անտէր հօտը, որ ձեր ժողովուրդն էր դեռ տասներորդ դարէն, աւելիին յաւակնութիւնը հիմա է, որ կ’ունենայ, երբ այդ դարերուն անիկա ծառայեց ամէն ուժովի։ Ու ծառայեց [205] ծառայի գիտութեամբ։ Յիսուն տարի առաջ շատ մը քաղաքներու մէջ ձերինները պալատներ կանգնած էին։ Ես չունիմ նկատի մասնակի պարագաներ, ձեր վրայ անհատապէս գործադրուած անարդարութիւններ։ Բայց կը յիշեցնեմ մեր եպարքոսներուն հրահանգները, ուղղուած՝ գաւառ, ըմբոստները զսպելու ղրկուած զօրավարներուն, որոնց պարտք կը դրուէր մեծ ուշադրութեամբ ականջ տալ ռալա յին տրտունջին։ Ասիկա բան մը կ’ապացուցանէ անշուշտ, որքան Ֆրանսական Յեղափոխութեան յարդարած մէկ սկզբունքը։ Այդ անարդարութիւնները չափի տարբերութեամբ մը կը զարնեն բոլոր մարդերը, նոյնիսկ նոյն ցեղին զաւակները, իրարու ձեռքով։ Կեանքը ճիշդ չէ չափել ապրուած պահուն։ Իրականը բաժինն է փոխանցուածին։ Կու գայ ատենը, երբ կը հարթուին խոցերն ու բողոքները, ու արեան ճապաղիքներէն ու կործանուած քաղաքներու փլատակներէն վեր կը կազմուի նոր ու միապաղաղ մշակոյթը։ Այսպէս են գոյացեր բոլոր մեծ երկիրները ու անոնց քաղաքակրթութիւնը։ Հարիւր յիսուն տարի առաջ, Ֆրանսայի մէկ գեղին հարուստկեկ հողատէրը, գեղացին այնքան բան չէր հասկնար կեանքէն, որքան դուք հիմա։ Եւ սակայն ֆրանսական մշակոյթը առնուազն քանի մը դար հին է ձեզմէ։ Ինչո՞ւ չունեցաք խելքը ձեր ձեռք ձգած առաւելութիւնները պահպանելու։ Ինչո՞ւ անընդհատ մշակեցիք ոճրային գաղափարը, որով նոյն հողին վրայ ապրող մարդերը հետզհետէ իրարու դէմ լարուեցան։ Ինչո՞ւ ատելութեան մեծ խմոր մը ըրիք ձեր կրօնքը, եւ ուրացաք, բռնի, յուզումներու, զգայութիւններու հանգիտութիւն մը, որ շնորհն է հողին ու ջուրին։ Ամէն բան չէ կրօնքը։ Ինծի համար անկէ աւելի կ’արժեն հողը, գետը, կանանչը, մեր հոգին հորիզոնող, փոքր՝ այլ խորունկ տպաւորութիւնները, որոնք մեզ ու ձեզ հաւասարապէս կը խռովեն, կը խանդավառեն, կ’ուրախացնեն ու կը լացնեն։ Հո՛դ է թուրքը, ինչպէս հայը։

 

-- Չեմ գիտեր, թէ ո՞ւր չէ թուրքը, փաշա՛։ Բայց եթէ կայ տեղ մը, ուր անիկա ամէնէն աւելի հարազատ է ինքը իրեն, ան ալ սա բանտն է։ Մեծ ու պզտիկ, հարուստ կամ աղքատ, փաշա կամ ոստիկան։ Ես շփուեր եմ շատ տեսակէ մարդկային տիպարներու հետ։ Բայց ոչ մէկ տեղ գտեր եմ խորունկ սա հարազատութիւնը, որ հոգեկան է այս անգամ։

 

-- Անցա՞ք Անատոլուն։

 

-- Այո։

 

-- Զգացի՞ք լեզուն, որ ձեր տեսածներունն էր։ Կը կասկածիմ։ Վասնզի ձեր հոգին զրահած էիք ատելութեան փուշերով…

 

-- Ձեզի պէս չունեցանք ատիկա ընդոծին, ինչպէս կ’ըսեն…

 

-- …Ատելութեան փուշերով եւ մեծ ու պզտիկ նախապաշարումներով, որոնք չդադրեցան ձեզ ներարկելէ ձեր մեծերը։ Իրաւունք չունիք թուրքը չափելու ոստիկաններէն, փաշաներէն, մոլլաներէն ու շէյխերէն. ոչ ալ գաղտագողի, դաւադիր ձեր անցքի պահուն ձեզ հետ քալող ձեր սարսափէն։ Մեր երկիրը, աղքատ կամ կիսովին շէն, բաց է սիրտին պէս մեր գեղջուկին։ Անշուշտ առաջինները կան։ Բայց ատոնց քով կայ միւսը։ Ու անարդար էք հիմնովին, ահա, այդ միւսին դէմ, որ իր անյատակ բարութեան մէջ կ’անգիտանայ, տակաւին մինչեւ այսօր, ձեր նիւթած անսահման չարիքը։

 

-- Ո՞վ, այդ միւսը։

 

-- Հարկաւ անցաք արտի մը մօտէն, որուն մէջ թուխի վրայ երիտասարդ մը, վիզին՝ նուսխա, այո՛, բայց մարմնացեալ բարութիւն, առջին իր լուծքը, երբ իր բերնին հետ իր ափը կը բանայ, ցորենին քովէն իր հոգին ալ պարպելու իր հերկած ակօսին։ Այո՞։ Տեսա՞ք, կը հարցնեմ ասիկա։

 

-- Շատ։

 

-- Անիկա առաւ ձեր բարեւը։ Ու հակառակ տարիներէ ի վեր իրեն ներարկուած դառն ատելութեան մը ձեզմէ, տուաւ իր հացը, եթէ ուզեցիք։ Այո՞։

 

-- Այո։

 

-- Կերաք ու անցաք, ձեր ականջը ձգած ետեւ, երգին, որ լեզուէն անծանօթ, բայց այնքան մօտ էր ձեզի, կարծես ձեր լեռներէն էր փրթեր, ու ձեր ջիղերուն վրայ ունէր խորունկ խռովք, մինչեւ ձեր աղիքներուն բաւիղները լուսաւորող, դողացնող։ Այն ատե՞ն։ Անշուշտ, դուք տխրեցաք չարաչար, ձեր ոճրային ծրագիրներէն աւելի, սա խորունկ յուզումներուն մարդկային իրականութեանը համար։ Այն ատեն դուք այդ մշակին մէջ հաշտեցուցիք մեծերուն արիւնախանձ ախորժակներն ու խոնարհներուն անպարագիծ գեղեցկութիւնը, ակօսի մը գիծով հազար ժողովուրդ դէպի բարութիւն ու խաղաղութիւն առաջ տանելու սրբազան հրաշքը։ Եղա՞ծ է ձեր մէջ այս սրբազան հաղորդութիւնը, թէ ոչ։ Կը հարցնեմ ձեզի։ Պարտաւոր էք խոստովանիլ, եթէ գռեհիկ բախտախնդիր մը չէք, որ զգացումներն ալ չի խղճահարիր ներկելէ։ Իմ կարգիս, ես զգացեր եմ ատիկա, ինքս, ձեր մէկ գեղին մօտիկէն անցած պահուս։ Յեղափոխական չէի, ոչ ալ գիրքերով այլասերած բանաստեղծ մը, այլ՝ պարզ մարդ մը։ Հոն էր նոյն թուխ երիտասարդը, առանց նուսխայի, քովիկը պարզուկ բան մը, անշուշտ կինը։ Աւելի անդին՝ յարմարցուկ շուքի մը օրան, պառաւ, պզտիկներ։ Ու թուխ երիտասարդին բերանէն կը թափէր անըմբռնելի դաշնակութիւն, լայն, խոր, որ ծուփքին մէջ կ’երթար գտնելու ժամ մը անդին նուսխայով տղուն երգը։ Ու հողը ինծի կը թուէր հագուած այդ ոսկի թելերովը ժողովուրդի զգացումներուն։ Ի՜նչ հարկ հասկնալ ձգտիլ բառերուն իմաստը։ Ես կը զգայի այդ հայուն երգը իբրեւ իմը, ու տպաւորուեցայ շատ աւելի խոր, որքան չունէի ատիկա եղած Պերլինի կայսերական օփերաներուն շքեղ կամարներուն ներքեւ։ Ահա խոստովանութիւններ, որոնք շինծու չեն։ Ու ձեր բառով՝ թուրք ալ ըլլալու չեն։

 

-- Ճշմարիտ կը խօսիք։

 

-- Հա՛, հոդ, այդ ակօսի ափերուն է թուրք ժողովուրդը։

 

-- Թուրք ժողովուրդը ես տեսայ բանտի բակերուն, սրահներուն, ճամիի հրապարակներուն, երբ ատել կը սորվէր ու դանակ կը սրէր։

 

-- Օ՜, ձեր քլիշէ պատկերները։ Այդ թուրքը հոդ ղրկողնե՞րը։

 

-- Դո՛ւք։

 

-- Կառավարութիւնը շահ չունի կոտորածէն։ Բայց չի կրնար դաւաճաններ հիւրընկալել։ Թուրք կայսրութիւնը ձեր կարծածին պէս օդային ու բախտէն շինուած կառոյց մը չէ։ Մեր սուլթանները մեծ են, նոյնիսկ իրենց սխալներուն մէջ, որոնք իրենց շրջանին հեռու են այդպէս տարազուելէ։ Ընդունեցէք, որ ծանօթ աշխարհին մօտաւորապէս կէսը տիրակալող ուղեղները պուտ մը խելք ալ ունէին, երբ ձեզ ողջ պահեցին։ Չեմ ըսեր, թէ ատիկա ասպետական զգացումներէ բխող շարժում մըն էր, բայց խորքին մէջ մօտ էր այն պարզութեան, որուն խորհուրդը ձեզի մատչելի ըրի ակօսի ափին աշխատող երիտասարդով։ Այս նմոյշէն մինչեւ ոսկեզօծ ուսնոցներով վէզիրը, որուն խանչեր էն թշնամիին արիւնը պէտք չէ որ պաղի, եւ կամ ձեր ներկայացուցածին նման երկու ձեռքերուն եաթաղան գազանը՝ դժուա՞ր, ճամբան։ Թերեւս։ Բայց ձերն է մեղքը, որ ըրիք ատիկա դիւրին։ Ձեր դժբախտութեան աւելցուցիք նաեւ մեծ սխալը՝ շփոթելու համազգեստը, զինուորը, պետութիւնը բուն ժողովուրդին հետ։ Ու առաջիններէն ձեր զգացած սարսափն ու նողկանքը տարածեցիք երկրորդներուն վրայ։ Պետական կեանքէ ձեր երկարդարեան ձեռնթափութիւնը նպաստեց այդ շփոթումին։ Բուսական կեանքի վարժութիւնները լրացուցին պակասը։ Թուրքը հանուեցաւ իր իմաստէն    --ձեզի համար անիկա չունէր Եւրոպայի վրայ իր ստեղծած մռայլ ու ահարկու պատկերը--    ու վերածուեցաւ աժան հրէշին։ Պատմութեան հանդէպ ձեր անտարբերութիւնը    --մարդ այդպէս կը վարուի իր չունեցած, ունենալ չկրցած բաներէն ինքզինքը մխիթարելու պէտքին առջեւ--     ձեզ հեռու պահեց ազգերու խառնուածք, իմաստութիւն, հոգեբանութիւն որակուածը [206] ճիշդ չափով գնահատելու բախտէն։ Եթէ տրուէր ձեզի ալ պատեհութիւնը քսան­երեսուն ժողովուրդ լուծի տակ պահելու, ու պահելու՝ չորս կողմէն թշնամի մղումներու գործիք, այն ատեն պիտի մօտենայիք մեր կերպերուն նուազ խստութեամբ։ Ասկէ զատ, կրօնական ատելութիւնը, որ ձեր սերունդին մէջ ալ կորսնցուցած է իր ժահրը, բայց կը պահէ իր ամբողջ ուժգնութիւնը ձեզմէ վար դասակարգին մէջ, լրացուց պակասը։ Ահա, պարոն յեղափոխական, դատումներ, որոնց անհաղորդ ըլլալու չէր յեղափոխական մտայնութիւնը, ու Ռուսիա եւ Գերմանիա պատրաստուած ձեր համալսարանական սերունդը, աւելորդ գործունէութեան մը տուած է ինքզինքը, երբ այնքան հիմնական բաներ կան սեղանի վրայ։

 

-- Բայց մեր կուսակցութիւնը ճիշդ ձեր գաղափարներով է, որ կը պայքարի փաշաներուն, ճիւպ[պ]էներուն, համազգեստներուն ստեղծած հոգեբանութեան դէմ։

 

-- Նորէն մեծ, շատ մեծ բառեր։ Պայքա՜ր։ Ո՞վ էք դուք սակայն։ Որքան աժանցուցած էք բառը։ Ի՜նչ աւելորդ, չըսելու համար յիմարական եռանդ է այդ պայքարը ձեր բերնէն այդպէս նետուած չորս ծագերուն։ Ձեր ուժերը եւ մեծ կայսրութեան մը արմատական յեղաշրջումը։ Շիտակը, լաւ համեմատութիւն։ Տէրտէրի եւ վարժապետի վէճերէն գլուխ վեր չառնող մարդեր, որոնք մէկ օրէն միւսը բարձր դիւանագիտութիւն պիտի վարեն ու բարեկարգեն օսմանեան երկիրները։ Ինչո՞ւ չունիք այսօր խելքը՝ իրական, սուր, օգտաւէտ տեսնելու, դո՜ւք՝ որ ուրիշ գետիններու վրայ գործնական ու ճարտար եղաք, ձեր պահպանումին, զարգացումին համար այնքան նպաստաւոր արդիւնքներով։ Ձեզի՞ է մնացեր [փոխել] [207] դարաւոր եղանակներ զգալու եւ ապրելու։ Մեծամտութիւն է առնուազն ձեր այդ ծրագիրը, որքան նաեւ սքողուած նենգութիւն։ Ինչո՞ւ չէք ընդունիր, որ Արեւելքի մէջ հոգին ծոյլ է՝ բաղդատմամբ Արեւմուտքին (որակի հարց չեմ յուզեր [208], ոչ ալ հելլէն [209] տրամաբանութեամբը զարդարուած նոր յաւակնութիւնը մարդոց, որոնց նախահայրերը մեզի պէս Ասիոյ տափաստաններէն խուժեցին Արեւմուտք ու ըրին մեզմէ աւելի նախճիր ու բռնութիւն) ու կը խրտչի ուժգին շրջումներէ, մա՛նաւանդ արագութենէն։ Զգալու մէջ որքան անկախ, խոր, ինքնատիպ ու անձնական, մտածելու մէջ նոյն համեմատութեամբ հետեւակ, այդ Արեւելքը հաճոյքով պիտի լքէ միտքին բեռը՝ [210] մտածելու մեքենականութիւնը ուրիշներու, այսինքն՝ մեծերուն։ Հինէն ի վեր հսկայ միապետութիւնները Ասիայէն մարմին առին։ Ուրիշ չէր կրնար ըլլալ մերինը։ Զանգուածին այս կրաւորութիւնը մինչեւ հիմա պատճառ է, որ մեր մեծերը պատրուին իրենց մասին։ Մեր քաղաքակրթութեան ետ մնալը մեր մեծերուն կը պարտինք, որոնք չեն կրնար քալել ժամանակին հետ։ Մեր մեծերը Արեւմուտքին կարգ մը հոսանքները մեզի բացին։ Օրինակեցին դիւանապետութիւնը, թուղթով վարելու գէշ սիսթեմը, բայց զգուշացան իրենց կիները առանց սաւանի պտտցնելէ։ Աւելի՛ն. թիւով պակսեցնելէ։ Մեր պալատներուն մէջ մուտք ունեցան եւրոպացի արուեստագէտներու նկարներ, արձաններ, բայց մեր կանանոցներուն ապակիները չազատեցան վանդակէ։ Ասոնք կ’ըսեմ, ցոյց տալու համար, որ նոյնիսկ մեր ձեռքով մատուցուած նորութիւններուն հանդէպ հեռու է մեր ժողովուրդը։ Ի՛նչ որ մեր վէզիրները, փորձ եպարքոսները, Եւրոպան խաբող դիւանագէտները զգուշացան ընելէ, ներեցէք, որ աւելորդ ուժասպառում նկատեմ ձեր կողմէ զանոնք իրագործելու սա վաստակը։ Ձեզմէ ոչինչ պիտի յօժարէինք առնելու։

 

-- Առած էք սակայն։

 

-- Կը հասկնամ ու կը ցաւիմ։ Ապահովաբար կ’ակնարկէք թատրոնի քանի մը աղջիկներուն, որոնք մեր երիտասարդները մօտեցուցին ներկուած վայելքներու։

 

-- Թատրոնը դատելու ձեր եղանակը շատ ուշագրաւ է, փաշա՛։

 

-- Թատրոնը դատելու ձեր եղանակը նոյնքան տղայական է, պարոն յեղափոխական։ Լաւագոյն վայելքները երբէ՞ն ի վեր լաւագոյն մշակոյթը կը հոմանշեն։ Այն ատեն թրքական խոհանոցը, որ համերու զարմանալի գիտութեամբը իր նմանը չունի աշխարհի ոչ մէկ մասին մէջ, մեզի պիտի շահէր առաջնութիւնը ազգերու կրկէսէն։ Դերասանուհին, մա՛նաւանդ ինչ որ տուած էք ասկէ առաջ, մարմինի ցուցադրում մըն է ու քիչ ուրիշ բան։ Դերասա՞նը։ Ձեզի կը ձգեմ դատել այդ օտար, իրենց անձէն տարագիր մարդերը։ Մեզի տուիք քանի մը տպարան, որոնք իրենց տէրերը հարստացուցին։ Ու տարազներ, որոնք Արեւմուտքի զարդը ընդհանրացուցին։ Ատոնք մշակոյթին կեղեւը կը կազմեն ու չեն փրկեր ամբոխներուն խոր անհաղորդութիւնը իրենցմէ։ Հակառակ իրենց դիւրամատոյց կիներու անբաւ առատութեան, քրիստոնեայ հասարակութիւնները Պոլսոյ մէջ չփոխեցին մեր հոգին։ Բերան եւ Սթամպուլը զատ, իրարու անթափանց կոյտեր են, էին։ Մեր ընտանիքը կ՚ ապրի Անատոլուի պայմաններով։ Գաւառներուն մէջ քիչ կը յարգենք, ձեր բարքերուն լրջութեանը չափով [211] ։ Բայց յարգանքը հոմանիշ չէ սիրոյ։ Ասկէ առաջ ալ մեր գեղացին ձեզ չէր սիրեր, բայց չէր ալ ատեր, ինչպէս մարդ չի կրնար ատել իրեն պիտանի բան մը։

 

-- Ընտանի անասուն մը, օրինակի մը համար։

 

-- Չըսի բառը, խնայելու համար ձեզի, այդ մտածումին զուգորդ քլիշէ զգայութիւնները։ Չըսի, վասնզի կը խորհիմ, թէ պիտի գայ ատենը, երբ դուք բռնի պիտի անդրադառնաք ձեր սեփական սխալներուն։ Պիտի աւաղէք ձեր աճապարանքը անջատուելու ձեր պապերով նուիրագործուած ուղղութիւններէն։ Զուր տեղը չէ, որ երկու հազար տարի հանդարտ կը մակաղիք ձեզի ցոյց տրուած փարախին մէջ, որ ձեր գերութիւնն է։ Վասնզի ձեր պատմութեան ուշադիր վերլուծումը ուրիշ վճիռի չի հաներ օտարը։ Ձեր պատմիչները միայն չեն հասկնար ահաւորութիւնը այն հոգեբանութեան, որով մեծ նահանգներու տէր թագաւոր մը կը լքէ, կամովին, իր երկիրը, զայն փոխելով (բայց չէք ըմբռներ, թէ ի՛նչ յատկանշական փաստ է ասիկա ձեր աւազութեան [212] ) ուրիշի մը հետ, այս անգամ յոյներու արքային պատկանող։ Ես կարդացեր եմ ձեր Փարպեցին։ Ու հինգերորդ դարու ձեր նախարարները, որոնք պարսիկ մարզպաններով կը փոխարինեն իրենց թագաւորը։ Ու աւելի վերջը, Միջին դարու ձեր մեծ ու փոքր թագակիր յիմարները, որոնք իրենց երկիրները կը յանձնեն աս ու ան օտարին, առանց կռուի, դաշինքներով։ Այս է դասը ձեր անցեալին, ըսել կ’ուզեմ՝ ձեր իշխող բնազդներուն։ Այս ազնուականներուն ստորնութեանցը տակ ձեր ժողովո՜ւրդը, որ, ինչպէս այսօր, յիմար էր [213] նոյնքան։ Որ այդ ատեն ալ տուաւ իր կրցածը իր ապիրատ իշխաններուն, ինչպէս կու տայ ձեզի հիմա իր պուտ մը արիւնը։ Գուցէ իմ կողմէ մեծամտութիւն է այս փոքրութիւններուն, փոքրոգութիւններուն փաստերովը ձեզ ընկճել ջանալ։ Բայց իմ բերնէս խօսողը միայն ձեզի թշնամի թուրքը չէ, այլ նաեւ քիչիկ մը խելքի տէր մարդը, որ կարդացած է ազգերու կեանքը եւ կը յաւակնի ճանչնալ պատմութեան մեծ դասերը։ Մեր իմաստութիւնը պատմական է, պարոն յեղափոխական, ոչ ձեր փառաբանած ձեւով, որ թւում մըն է դէպքերու, այլ՝ համադրական։ Կը դատենք ժողովուրդները համաձայն իրենց բանակներուն, թռիչքին ու արիւնի ախորժակներուն։ Խուզարկեցէք անցեալը, ո՛չ միայն ձերինը, այլեւ՝ ուրիշներունը։ Այն ատեն թերեւս հաշտուիք կարգ մը դժնդակ փոքրութիւններու։

 

-- Որոնք նոյնքան ծանր արատով կը հերքեն ձեր յաւակնութիւնները, մա՛նաւանդ վերջին երկու հարիւրամեակին, երբ ձեր բանակները Պոլսէն կը մեկնէին, նուաճուած երկիրներու բարիքները սպառելէ յետոյ, թշնամիին չմօտեցած, անոր հոտէն, ու կը դառնային ետ` անոր բանակներուն իբր յառաջապահ ծառայելով։ Երբ ձեր մէկ փաշան, ափ մը կարգապահ զինուորներով ձեզ կը ջախջախէր յաղթանակի ձեր դաշտերուն վրայ ու Եգիպտոսէն Պոլիս կը վազէր, առանց որ ձեր փառաբանած ռազմական հանճարը արգելք մը հանէր այդ յառաջխաղացումին։ Այս բաներն ալ կ’ըսէ ձեր պատմութիւնը։ Ու զուր տեղը մեզ կը նախատէք մեղքերով, որոնք ուրիշ ժողովուրդներու քով դիտուած են մերինին չափ վճռական ցուցադրումով։

 

-- Տարբերութեամբ մը։ Քայքայումի շրջանները, նորոգման երբ կը ծառայեն, ուժ կը նշանակեն, պարոն պատմաբան։ Մծբինի դաշտին վրայ եգիպտացիներէն մեր պարտութիւնը արգելք չեղաւ, որ մեր բանակները Խրիմի պատերազմին յաղթական դուրս գան ռուսերուն դէմ։ Բայց պատմութեամբ վէճ չի լուծուիր։ Հարցը փոխադրեցէք ձեր իրականութեան։ Ձեզի համար ազգային կեանքը հիմա «Մահ կամ Ազատութիւն» աժան տարազին մէջ կը խտանայ։ Անշուշտ կը հնչէ այդ բանաձեւը քիչիկ մը անուշ, մա՛նաւանդ՝ երբ Փարիզի, Ժընեւի հանգստաւէտ որրաներուն [214] մէջ կու գայ դուրս, ցաւագար ուսանողներու բերանէն։ Բայց այդ տարազը ինքնին չի դառնար քաղաքական բնաբանը ժողովուրդի մը, որ մինչեւ իր ոսկորները ապականած է գերութեան ժահրով մը։ Որ այդ տարազին շուրջն անգամ երեւան կը բերէ ամէնէն ստորին եսասիրութիւնը ու չի կրնար միանալ գոնէ թուրքին դէմ։ Ու մենք գիտենք ատիկա։ Ու գիտենք աւելին, ձեր [215] շարժումին ամէնէն տխրագոյն [216] կողմը։ Դուք աղմուկով, ստուերով, մուխով, ըսել կ’ուզեմ՝ ձեր [217] վրայ գործադրուած զսպումին անդրադարձովը կը մտածէք շահիլ ձեր Դատը։ Ու այս է ահաւորը։ Մարդիկը կը տանիք մահուան ու անոնց պոռչտուքը կ’երկարաձգէք Եւրոպայի դէպի ականջները։ Ահա թէ ո՛ւր է նուաստ, անըմբռնելի կողմը ձեր գործունէութեան։ Ասիկա կը նշանակէ ձեր պարտութիւնը, դեռ պայքարէն շատ առաջ։ Ատիկա մենք կ’անուանենք գերիներու հոգեբանութիւն, որ մօտիկն է գերիներու բարոյականին։ Եւ սակայն յաղթողներու հոգին վեր է այդ հաշիւներէն։ Ո՞ր հելլէն իմաստասէրը, թատերագիրը վայրկեան մը մտքէն անցուց զբաղիլ ողբերգութեամբը իրենց գերիներուն, այնքան իրական, սրտառուչ՝ այսօրուան մեր զգայնութեան [218] համար։ Եւ սակայն, աշխարհի ամէն երեւոյթներուն շուրջը հետաքրքրութեամբ թափառող Արիստոտելը չունի նշմարանք միլիոններու հասնող այդ զանգուածին տառապանքներէն՝ ինչպէս անկէ երկու հազար տարի վերջն ալ, այսինքն՝ հիմա, ոչ ոք կը զբաղի երեք հարիւր միլիոնը անցնող սեւամորթներուն պարտադրուած անճիտումով։

 

Մենք սեւամորթ չենք։

 

-- Յանցանքը մորթինը չէ ապահովաբար. յանցանքը թիւինն է, խելքինն է, հաւաքական կամքի սնանկութեան[ն է] [219] ։ Չեմ գիտեր կ’արժէ՞ք աւելի, սա տեսակէտներէն, քան սեւերը։ Անշուշտ, պիտի նետէք գլխուս տարազները ձեր գիտնականներուն, հնդեւրոպական արիւն, բարբառ, ազնիւ ցեղ… բայց ատոնք դուք միայն կ’ըսէք։ Ու ճիշդ ըլլալու պարագան ալ բան չի փոխեր, որ ձեր հոգին ճերմակ մորթի տակ մնայ հաւատարիմ իր սեւ յատակին։ Կ’արժէ՞ք աւելի։ Դուք է, որ կ’ըսէք։

 

-- Կ’արժէի՞ն աւելի յոյները…

 

-- Սերպերը, ռումէնները, պուլկարները. ես շարունակեմ ձեր տեղը։ Ո՜վ գիտէ։ Բայց հարիւր տարի առաջ այդ ժողովուրդները զիրենք ազատող եւրոպացիներու աչքին ունէին ձեր այժմու արժէքը։ Աս ալ պատմութիւնը կ’ըսէ։ Այսօր, անոնք ազատ են։ Ու դուք կ’ընդհանրացնէք պատահարը առանց կասկածելու, որ պայմաններու, շահերու, քաղաքական ազդեցութեանց ամբողջ նոր դասաւորում մը կը ճնշէ ձեր փափաքներուն զսպանակին։ Եւրոպան ամէնէն առաջ դէմ է անոնց։ Ձեր ազատագրութիւնը ռուսական գրաւումին նախաբանն է Անգլիոյ համար։ Ու ասիկա բաւ է, որ այդ քաղաքականութիւնը դատապարտուի ամլութեան։ Ձեր ազատագրութիւնը տրամագծօրէն հակառակ է ռուսական շահերուն։ Մե՞նք։ Այսինքն՝ ձեր բուն տէրերուն շահերը արդեօք ի՛նչ կերպ կը խօսին։ Մենք ասիական պետութիւն ենք հիմա ու կը պահենք երազներ։ Աշխարհի բոլոր բարիկամեցողութիւնները անկարող պիտի ըլլային մեր ճամբուն վրայ հանդուրժել ձեզ պէս արգելք մը։ Ասիկա՝ պարզ։ Աւելի՛ն. ձեզմէ ի՞նչ ենք առած, կը կրկնեմ ասիկա, ձեզի ետ դարձնելու համար։

 

-- Մեր հայրենիքը։

 

-- Ե՞րբ է անիկա ձեր հայրենիքը։

 

-- Հոն է մեր ժողովուրդը։

 

-- Եթէ Միացեալ Նահանգներու սեւերն ալ իրենց գոյութիւնը փաստ արժեւորելով պահանջելո՜ւ ելլէին այդ երկրին հարաւային մասը… ։ Կը տեսնէք, որ անհեթեթութեան մէջ կ’իյնաք։ Թուղթերու, պատմութեան, դիւանի իրաւունքներ։ Ինչո՞ւ կը յաւակնիք ատոնք գերադասել, քան սուրին, արիւնին, միսին իրապէս տիրապետութեան մեծ օրէնքները։

 

-- Փաշա՛, ձեր այդ մտածումները Միջին դարէն ալ վար կ’իջնեն։

 

-- Գուցէ՛։ Բայց ձեր այդ դատողութիւնը դասագիրք կը հոտի, պարոն յեղափոխական։ Ու կ’ընդգծեմ ձեր աւելորդ ալ եռանդը հաւատալու բաներու, որոնք դպրոցի սեղաններէն կը կառչի մեր ուղեղին։ Ատոնց ճակատագիրը հերքուիլն է կեանքէն։ Ուսանող կը մնան անոնք, որ այդ սրբագրումը չեն հարկադրեր իրենց պատրանքներուն։ Միջին դա՜ր։ Ու ասիկա բերանին մէջ ձեզի պէս մարդոց, որոնք ուխտ են ըրած ժողովուրդ ազատելու։ Բայց ասով ձեր տիպարը կը նոյնանայ բոլոր երկիրներու յեղափոխականներուն հետ, որոնք, կեանքէն փախչելով, մշուշին կ’ապաստանին, յաւիտենական ուսանողներ մնալու իրենց յամառութեամբը սրտառուչ։ Մէկդի այն պարագան, որով նոր ժամանակները    --ա՛ն՝ զոր Միջին դարը չէք կոչեր--   կ’ոսկեզօծէք այդպէս աւելորդ փութկոտութեամբ, Արեւմուտքին համար (վասնզի փակագիծի մէջ կ’արժէ ճշդել, որ գերութիւնը շղթայ է փոխած եւ կայ ու կը մնայ, աւելի շքեղ, քան երբեւիցէ), ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրեմ ուրիշ կէտի մը. այն է՝ Արեւելքին իմացական բարեխառնութեան, որ դեռ հեռու է հրաժարելէ ձեզմէ, Միջին դար որակուած մտայնութենէն։ Նո՞րը։ Այսինքն՝ ժամանակակից կարգե՞րը։ Օ՜, ձեր անուշիկ պատրանքները։ Ձեր յիմար պատրանքները, երբ կը բաւարարուիք Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի ու քանի մը կեդրոն քաղաքներու մէջ ձեր եւրոպական զգեստէն, դերասանուհիի կտորուանքներէն, ձեր կիներուն բաց շրջիլ կարենալէն։ Աս չէ՞ ձեզի համար նորը, Արեւմուտքը, այսինքն՝ Միջին դարուն հերքումը։ Ո՜վ միամտութիւնը դպրոց աւարտողներուն, որոնք պիտի պտտին գիրքերուն մշուշովը։ Աւելի՛ն. որոնք բռնի զիրենք պիտի դնեն ուրիշ լուսապսակի մէջ։ Ու փողկապ մը կրելու չափ շնորհը պիտի արժեւորեն իբր զինանշան մը Արեւելքէն անջատուելնուն։ Ասոնցմէ անդին, անդի՛ն, կ’աղաչեմ։ Անդին՝ սա գիրքերէն ու զգեստներէն։ Մեծ, անխուսափելի Արեւելքը, որ բառ կամ մշուշ չէ, այլ՝ բռնաւոր աստուածութիւն։ Որ ձեր ամէն մէկ նեարդն է հիւսած իր տրտմութեամբը, թալուկովը, անփութութեամբը, ճակատագրապաշտութեամբը, ու՝ հոգեմոյնքի, չեմ ըսեր բարոյականի՝ այն ընդհանուր թուլութեամբը, որ անոր անսահման հողերուն գոլն է մեր խառնուածքներէն ներս։ Որ տուած է ձեզի ձեր տկարութիւնները, անոնց մէջ ինքնաբանտուելու հզօր ալ միսթիքը ու պահած ձեզ անփոփոխ դարերու սանդուխի մը վրայ։ Ու լիովին Արեւելք ըլլալնուդ հակառակ, մեղք գործեցիք զայն ուրանալ կեղծելու։ Խորհա՞ծ էք այդ ահաւոր յիմարութեան, որ ձեր գերութիւնը արժած է ձեզի, ըսել կ ՚ ուզեմ՝ ձեզի համար պաշտամունք է դարձած։ Իբր քաղաքական արտայայտութիւն դուք փաթթուած էք Արեւելքէ այդ փախուստին ու ատիկա բաւ էք համարած ձեր գործունէութեան, մինչ երկինքին վրայ անիմաստ շահադիտութիւն մըն ալ ձեզմէ զեղչած է կսկիծը ձեր ներկային։ Նահատակուիլը, բայց կրաւոր, ձեր մեծ ուժն ու հմայքը եղաւ դարերով։ Ու տակաւին այսօր այդ յիմարութիւնը կ’երգէք, կը քնարերգէք, առանց անդրադառնալու, որ Արեւելքին դաւելով [220] չէք հասնիր Արեւմուտքին։ Ու կը կորսնցնէք երկուքին ալ համակրութիւնը։ Արեւելքը ձեզ պատժեց։ Մօտ է օրը, երբ Արեւմուտքը ձեզի պիտի ըսէ իր անհուն, անգութ անտարբերութիւնը ձեզմէ։ Հեռու ինձմէ ամրակուռ գաղափարներուն ամրակուռ բռնութիւնը։ Բայց, իմաստուն պարոններ, հարկ է ուշադրութեան առնել բարդ օրէնքներ։ Ձեր երկրին վրայ ինչ հակամարտ քաղաքականութիւններ իրարու բախեցան, ձեզ տիրողներուն ուղեղէն։ Դիմացաք` անոնց հանդէպ ձեր անտարբերութեամբը։ Հիմա կը լքէք ուղեգիծը։ Ու կը փորձէք նորը։ Մեզի համար վտանգը նուազ է մտայնութեան շրջումի մը առջեւ, քան թէ ձեզի։ Դուք անգամ մը կառուցուած, դարերով նեցուկուած շէնքին կը նմանիք։ Կանգուն էք ու կը հաւատաք, թէ ատիկա ըրիք ձեր ուժով։ Բայց կը բաւէ, որ ձեր կողերէն մէկ­երկու խոշոր հատուածներ փրթին, պիտի հոսիք վար, ալիւր դարձած ձեր ոսկորներէն։ Ու այս անգամ անկանգնելի, վասնզի այդ կանգնումին արգելքները շատ են հիմա, դուրսէն՝ որքան ներսէն, այսինքն՝ ձեզմէ։ Ձեզի կը պակսի սրբազան խմորը, որ շաղախը ըլլար նոր կառուցումին։ Ի՛նչ որ երեք­չորս դարու ընթացքին իբր նոր տուիք ձեր ժողովուրդին՝ ատ ալ ձեր Պոլիսն է, որմով խանդավառուիլ կանխահաս է դեռ։ Չեմ գիտեր, թէ ինք իր ուժին ձգուելու պարագային, ձեր Պոլսոյ ընկերութիւնը պիտի կրնա՞ր այդքանն ալ մէկտեղել։ Գաւառներէն անդադար թարմ հոսանքն էր, որ արգիլեց նեխելէ, ճղճիմ ճռզելէ սարաֆներու, պազիրկեաններու, չերչիներու, էսնաֆներու կտորուանքներէն սանկ ու նանկ ճարուած ձեր հասարակութիւնը։

 

-- Ինչո՞ւ կը մոռնաք, որ ձերինը ատոնցմէ ստոր տարրերով է վիրաւոր [221] ։

 

-- Դարձեալ կարճ է ձեր նայուածքը։ Մեր ընկերութեան պոլսական ազնուամասը կարելի համադրութիւնն է արիւնին եւ նստուկ տուրքերուն։ Մեր սուրերը մեզի բերին ամէնէն նուրբ կիները երեք աշխարհներուն։ Ընկերաբանօրէն հին ու նոր արիւններու այս խաչաձեւումը ամէնէն աւելի կը նպաստէ ազնիւ տեսակներու զարգացումին։ Իր բոլոր վայրագութեամբը Պոլսոյ թուրք ժողովուրդը իբր խմոր հարիւր անգամ աւելի կ’արժէ, քան ձեր ազնուաշուքներու եւ մեծահարուստներու երկդիմի կարաւանը։ Բայց զիրար նախատելու համար չէ, որ կը զոհեմ ես այս ժամերը։ Կ’ուզէի ապացուցանել, որ ընկերային յեղաշրջումները մեզմէ շատ առաջ պիտի սպառէին ձեր անկնիք, անաւանդ, անանցեալ Պոլիսը։ Փաստը մէջտեղն է։ Կրօնական շատ թեթեւ փոփոխութիւն մը, գրեթէ յարանուանական, ձեզմէ ընդմիշտ կտրեց հարիւր հազարի հասնող զանգուածներ, որոնք ո՛չ միայն ձեզ կ’ուրանան այսօր, այլեւ կ’ատեն իրենց անցեալը, անլուր անգթութեամբ մը։

 

-- Ոչ ոք մեր մէջ ունի այնքան սրբազան սէր հանդէպ մեր անցեալին, որքան Մխիթարեան Միաբանութիւնը։

 

-- Փառք տուէք կղզիին, որ զանոնք կը զատէ զանգուածէն։ Պոլսոյ մէջ անոնց դպրոցներէն հասնող պետական անձնաւորութիւններ իրենց տուներէն ներս արգիլած են ձեր լեզուն։ Աւելի՛ն. անոնք ձեզ կ’ատեն թուրքէն վեր ուժգնութեամբ մը։ Վկայ՝ իմ իսկ տեղեկութիւններս, որոնք քաղեր եմ այդ կրօնափոխներուն մտերմութենէն։ Ու հրաշքն իսկ անկարող պիտի ըլլայ ձեզ մօտեցնելու ձեր հաւատափոխ եղբայրներուն, կաթոլիկներուն ու բողոքականներուն։ Այս վարկածները բան մը կ’ապացուցանեն ի վերջոյ։ Ձեզի պէս հին ժողովուրդ մը, առանց արտաքին պատուաստի, արդէն ախտաւոր է ծերութեան արգասիք անխուսափելի արատներով։ Ու ձեր վարիչները մեղք կը գործեն, երբ, անտեսելով այս ցուցմունքները, զայն կ’ենթարկեն մեծ ու վտանգաւոր փորձերու։ Բոյսեր կան, որոնք իրենց կլիմայէն դուրս կը մեռնին։ Ազատութիւնը, ատոր ծարաւը, ատոր իրականութիւնը իմացական բոյսերու կը նմանին, ու կարօտ են իրենց յարմար հողերուն` արմատ ձգելու համար։ Քանի՜ անգամներ ատոր փաստը արձանագրած է ձեր պատմութիւնը։ Իմ կարծիքով, ձեր ժողովուրդը բնաջինջ ընելու ամէնէն ապահով ճամբան ձեր առջեւ բաց ձգելը պիտի ըլլար քաղաքական գործունէութիւն մը հնարաւոր ընող բոլոր սնոտիքներուն։ Վճռապէս համոզուած եմ, որ ձեզի նուիրուած ազատութիւնը, ձեր ձեռքով գերութեան վերածելու համար՝ պիտի գերազանցէիք ձեր նախահայրերը։ Ու երկու քսան տարիի մէջ, սրտի մեծ հանդարտութեամբ, իրար հալածելով, սպաննելով, պիտի կործանէիք ձեր ժողովուրդը, միշտ պայքարի դրօշակը ձեր առջին, նոյն գաղափարը պաշտպանած ատեննիդ իրար տապալելով։ Ուրիշ չէ իրականութիւնը յեղափոխական որակուած ճակատներու վրայ։ Ամէն գաղափար օգտակար չէ որեւէ գետինի։ Ազատութեան սերմը պիտի չունենար ուրիշ բախտ ձեր մէջ։ Ան պիտի քայքայէր ձեր հոգին իր արարչահիւթէն, որ կազմուած է ծորումներովը ձեր անցեալին, դարաւոր Արեւելքին, լեղի՝ բայց դանդաղ, ծանր վայելքին, ու խորունկ ու լուրջ բաներու թաքուն գեղձերուն, ժողովուրդէ ժողովուրդ բաշխուած անոր հոգերակներն ի վեր։ Փա՞ստ։ Աչք պտտցուցէք ձեզմէ աւելի հին, զօրաւոր, ամրակառոյց ուրիշ ցեղի մը այսօրուան համապատկերին։ Ինչ որ քսանի մօտ դարերու հալածանքը չէր ըրած, հրեաներուն հոգեկան շաղախը խախտելու տեսակէտէն, դարու մը ազատութիւն գլուխ է հանած, առանց սուրի ու աղմուկի, անսպասելի դիւրութեամբ։ Դար մը վերջը սեմական հարց չկայ։ Ձեր վերջին գաղթականութիւնները Հունգարիա, Լեհաստան, մինչեւ իսկ Հնդկաստան տարբեր բան չեն ապացուցաներ։ Կովկասի մէջ ձեզի սպասող վախճանը բացայայտ է ինծի։ Մե՜ղք, որ չեմ կրնար համոզել մերինները` ընդգծելու այս տեսութիւնները։ Այն ատեն դուք ձեր ձեռքովը պիտի քանդէիք ձեր հոգին ու այսքան անախորժ խռովքներու աղբիւր Հայկական Հարցն ալ ինքնաբերաբար պիտի ըլլար լուծուած, ձեր ջնջումովը։ Կեցցեն խաղաղ միջոցները, որոնք կը հասնին իրենց նպատակներուն անողոք ապահովութեամբ։

 

-- Չեմ ըմբռներ ձեր անգթութիւնը, որքան աղերսը մեր ջնջումին եւ մեր մեղքերուն։ Բայց սա անգթութիւնն է թուրքին մէջ։ Վասնզի հաշիւով կը գործէ։

 

-- Ի հարկէ, որ նոր [222] է ձեր դէմինը։ Ներեցէք, որ ամէն թուրք մտածէ իր հայրենիքին ու մտածէ բոլորանուէր։ Տարրերու [223] քաղաքականութիւնը, որ խանդավառած էր կանխող դարու մեր մեծ եպարքոսները, իր ձախորդ արդիւնքներովը ինքզինքը կործանած է արդէն։ Հինգ դար հաւատարիմ եղանք անոր։ Այսօր, թուրքերու մտքին մէջ, այդ անհարազատ յղացքներուն տեղ կ’ուրուագրուի նորը, որ պիտի չգոհանայ ձեզ հալածելով։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Այսինքն… կանխահաս է այդ ուղղութեամբ խօսիլ։ Միայն բան մը որոշ է մեզի համար։ Ու կ’ուզեմ, որ ըլլայ նաեւ ձեզի համար։ Վարանումի, վախի, թուլութեան, մա՛նաւանդ բարեմիտ գթութեան շրջանները կը մնան այլեւս մեր ետեւը։ Ու մենք, աւելի բախտով, աւելի ամուր, աւելի կատարելագործուած միջոցներով, աւելի անվախ, կը մտնենք, մտած ենք ահա երկրորդ շրջանին մէջ։ Մենք մեր հայրենիքին մէկ փշուրն ալ վճռած ենք չզիջիլ ուրիշին։

 

-- Այդպէս վճռելով է, որ տուիք, հազիւ քսան տարի կայ, այնքան ընդարձակ երկիրներ։ Ես կարդացած եմ այն ոգեւորութիւնը, որով մտաք վերջին պատերազմին մէջ։ Հաւանաբար ձեր հայրը, Աւագանիներուն մեծ ժողովին մէջ արտասանեց նոյն այդ վճիռը, որով կը սպառնաք հիմա։

 

-- Երանելի՜ գլուխ։ Ռուսին, գերմանին, ուժովին՝ կարելի է, այո՛։ Բայց տկարին, հայուն, երբե՛ք, կը հասկնա՞ք։

 

-- Կը հասկնամ, փաշա՛։ Բայց դուք նկատի առա՞ծ էք [224] մեր ալ կամքը, մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը։

 

-- Դուք ժողովուրդ մը չէք այսօր։

 

-- Կը ներէք, փաշա՛, ի՞նչ կու տայ ձեր միտքը այդ բառին իբր բովանդակութիւն։

 

-- Բայց շատ պարզ բան մը. ժողովուրդը խումբն է մարդերու, որոնք քով քովի են ու յարդարուած այնպէս, որ կրնան մէկ յուզումը զգալ միլիոն։ Եւ որովհետեւ յուզումը այն բաներէն է, որոնք բաժնուելով, բաշխուելով կ’աճին փոխանակ նուազելու, հասկնալի է, որ թիւը եւ զգայարանքի նոյնատեսակ յարդարումը առաջնակարգ ազդակներ են, ամէն ընթացիկ զգայութիւններէ, խակ յուզումներէ ստեղծելու համար խորունկ զգացումները։ Ցեղը այդ միութիւնն է հզօր զգացումներու առջեւ։ Կը հասկնա՞ք։

 

-- Այդ սահմանումով ոչ մէկը իրաւունք ունի այնքան խորութեամբ այդ որակումին, որքան մերը։

 

-- Տարբերութեամբ մը սակայն։ Դուք այդ միութիւնը կը պահէք կրաւորական յուզումներու դիմաց ընկալչութեամբ մը։ Այսօր, դուք կը դառնաք այդ միութեան, ձեր եկեղեցիներէն ներս, որոնք գործն են ուրիշներու, մինչ ցեղերը իրենց շինածովը կ’աճին։ Պահպանողական բնազդը ազգ մը չ’աճեցներ։ Ու աճումը կասած մարմիններուն ճակատագիրը կը վերածուի տարիներու հարցի մը։ Ձեր հինցածութիւնը, մաշումը թարմացնելու համար զրկուած էք նորոգիչ երկու մեծ բարիքներէն, հողէն ու արիւնէն։ Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին առաջինը տեղի տուած է ձեր բազուկներուն հասողութենէն։ Ձեր ժողովուրդը, խորապէս շինական ու առոյգ՝ իր նկարագիրը կորսնցուցած է ` դառնալով քաղաքներու տականք մը։ Արհեստաւորը ո՛չ կ’երկննայ, ո՛չ կը կարճնայ։ Վաճառականը իր ցեղը կ’ապականէ` դրամին կապուած մոլութիւնները փոխադրելով անոր։ Հողէն կտրուած ամբոխները կը նմանին հողէն կտրուած բոյսերուն։ Երկրորդ զօրաւոր ազդակը, արիւնը՝ դուք չէ, որ կը թափէք, այլ ուրիշներ զայն կ’առնեն ձեզմէ։ Այս նրբերանգը բաւական բան կը բացատրէ։ Դուք ալ մոռցած էք զայն ձեզի համար օգուտով թափելու կերպը։ Ձեզի կը մնայ միայն ձեր եկեղեցին, որ կը կատարէ ձեր ներքին նորոգումը, բայց այս անգամ ուրիշներու հակառակ ճամբով, այսինքն՝ հիննալով, հագնելու համար ձեր պատմութեան ընդհանուր զգայութիւնները։

 

-- Ուրիշ կերպ չըրին Իսրայէլին զաւակները։

 

-- Երբե՛ք։ Երկու վիճակները տարբեր բաներ են։ Ձերինը անխառն, միակտուր նահանջ մըն է դէպի այդ անցեալը, աւելի յստակ բառերով՝ նահանջ մը ձեր ներկայէն։ Դուք կորովի համար չէք իջներ ձեր դարերուն անդունդը։ Անոնք իրենց հաւատքին մէջ նորոգուելու ու իրենց շրջապատը ատել կրնալու հաստատ ուխտով մը կը քաշուին իրենց տաճարները։ Դուք կը շարունակէք ձեր հայրերուն հոգեբանութիւնը ու մահուան համար հասուննալու անոնց խուլ դիւրազգածութիւնը [225], ծարաւը կը զօրացնէք։ Ոչ մէկ ժողովուրդ ձեզի չափ միամիտ է, այդ անցեալէն չսոսկալու իր յամառութեանը մէջ։ Գուցէ երբ գեղն էր կորիզը ձեր ընկերութեան, հոգեկան այս տրամադրութիւնը բան մը կ’ապացուցանէր։ Բայց ինչպէ՛ս բացատրել ձեր Եւրոպա ըրած ու պետական պաշտօններ վարած, աստիճանով ու պատուանշանով, շքազարդ անձնաւորութեանց մէջ ձեր աննման կարօտը, տղու պէս այս եկեղեցիներուն մէջ շապիկ հագնելու եւ երգելու ինչ որ հազար տարի առաջ աբեղայ մը, երկնածարաւ իր հուրքին մէջ, այս ու այն խռովքէն բռնավար, պոռացե ր էր իր Աստուծոյն։ Ասիկա երաժշտութիւնը չի փրկեր։ Բայց կը խորհիմ, թէ իրաւացի կրնայ ըլլալ այդ պատրանքը, վասնզի անկէ դուրս՝ դուք կը նմանիք ծովէն հանուած ձուկին։ Ահա ձեր յաւակնութեան հիմնական տիտղոսները ժողովուրդ որակումին։ Ու, բառերը գործածելով այս անգամ պարզ, առանց մշուշի՝ ասիկա գերութեան մէջ համայնութիւն մըն է յուզումներու, զորս ստացած էք անգութ ու աննահանջ հարուածներու յաջորդութեան մը ներքեւ։ Ի՞նչ էք ըրած աւելի գեղեցիկ, քան խմբովին ջարդուելու անփառունակ՝ որքան սխրալի հերոսութիւնը։ Խորհա՞ծ էք քննել դէպքերու հանգոյցը, որ ձեր կործանումները կը պայմանաւորէ։ Ձեզ զգետնող ուժերը երբեմն իբր քանակ ու որակ ձեզմէ տասն անգամ քիչ եղան։ Իմա՞ստը այս փաստերուն։ Ձեր այսօրուան հոգեւարքը։ Վասնզի, ի վերջոյ, ինչ որ օսմանեան կայսրութիւն կը կոչուի, քիչին, հաւատաւոր, կազմակերպուած քիչին տիրապետումն է շատին՝ բայց աղկաղկ, ցրիւ, աններդաշնակ շատին տարածման վրայ։ Չորս հարիւր ընտանիքի գիտակից, համակամ, ծրագրուած յառաջխաղացքն է անիկա խարխլած ժողովուրդներու ոսկեդրուագ փտութեանց վրայէն, դէպի տիրակալումը բազմերանգ ամբոխներու, որոնց գումարը հասաւ մինչեւ երեք հարիւր միլիոնի, Սիւլէյման Գանունիի օրով։ Ասիկա ձեր մեղքերուն իբր պատուհաս երկնային կարգադրութիւն մը չէ՝ ինչպէս կը ջանան ձեզ համոզել ձեր քրոնիկագիր պատմիչները, ոչ ալ բախտի կոյր քմայք մը՝ ինչպէս կը դատեն ձեր յեղափոխական տեսաբանները։ Ասիկա մեր ստեղծումն է։ Ժողովուրդները կը զարգանան   --բառը առէք լայն ծիրէ--   ո՛չ թէ ձերինին նման պահպանողական կղզիացումով, այլ յորդող, յարձակող յուզումներու հսկայ գրոհովը։ Այլ այդ յուզումները բիւրապատկող յօժարակամ հաղորդութեամբ մը իրարու հոգիին։ Ու դուք չունիք չորս մարդ, որ նման յուզումներ զգային հաւասար խտութեամբ։ Խելք, զգուշութիւն, պահպանողականութիւն, ի՛նչ անունով ալ որակէք երեւոյթը, կայ անիկա, այսինքն՝ հայրենիքի գաղափարով մեռնողը նախատելու ձեր անլուր սոփեստութիւնը։ Ահա խորագոյն փաստը ձեր անկումին։ Վասնզի աղէտներէն առաջ, ազգերը նախ կը մահանան իրենց ոգիէն։ Այլապէս բուռ մը մարդ, նոյնիսկ ամէնէն տկարներէն, բաւ է բանակներ կասեցնելու։ Բայց մեր խօսակցութիւնը շեղած է իր գնացքէն։ Ես չունէի մտադրութիւն այսքան տարածուելու, թէեւ զօրաւոր է [226] եղած իմ մէջ ցանկութիւնը՝ զիս զբաղեցնող այս խորհրդածութիւնները հաղորդ ընելու նաեւ ուրիշներու։ Ու պէտք է դառնալ աւելի շօշափելի իրողութիւններու, որոնք արդիւնքն են ձեր սխալներուն։ Ատոնցմէ մէկ կարեւորն է մեզ դատելու, դասաւորելու ձեր անծակ, կտրուկ միամտութիւնը։ Պանքայի դէպք ի օրերուն, Պոլսոյ մէջ հանդիպումն ըրի վաթսուննոց մարդու մը, զոր բանտ էին բերեր։ Ատաղձագործ աղա մըն էր, կարդալ չունեցող, բայց քաղաքագէտ։ Իր տունէն պոմպա գտանք։ Չպաշտպանեց ինքզինքը, ոչ ալ անունը տուաւ անոնց, որ այդ նիւթերը բերեր էին իր մահճակալին տակ։ Անշուշտ դատապարտուեցաւ։ Ու ահա տարօրինակը. մեծ էր զարմանքը, որ նաւահանգիստին մէջ խարսխած անգլիական զրահաւորը չէր ռմբակոծած մեր պատերազմական նախարարութիւնը։ Լսեց վճիռը ու գոհացաւ` արտասանելով հրեաներու գիրքին մէջ հռչակաւոր վճիռը, զոր մատ մը գրեց Պաղտասար արքային պատին, խրախճանքի պահուն։ Ասիկա հոգեբանութիւն մը ըլլալէն կ’անցնի անդին։ Ու հետզհետէ կը համոզուիմ, որ ձեր կրօնաւորները այդ հեքիաթները արդիացնելով պատճառ դարձան ձեր աւելի խոր սուզուելուն, այդ անարդի ու անխելք յօրինումներուն մէջ։ Ձեր պապերը սակայն խելք էին ունեցեր, ատոնց հաւատք ընծայելու ատեն, քիչիկ մըն ալ իրենց շուրջը դիտելու, գոնէ տեսնելու մեր հեղեղը, որ կու գար, ու ծռելու, եւ սպասելու։ Անցան դարեր։ Կրօնական յիմար ատելութիւն մը որուն վրայ ես կը բառնամ [227] ամբողջ բեռը ձեր աղէտներուն–, ճահիճի մը գորշ ջուրին նման փռեցիք ընդմէջ ձեր ու մեր հոգիներուն։ Ու ոչ մէկ կամուրջ։ Մենք, մեր սրունքը բացած, առակին հսկաներուն նման, ուժ ունէինք ցատկելու գետ ու նեղուց։ Բնական է, որ պէտքը չզգայինք փոխանցումի միջոցներուն։ Մեր գուպարը Արեւմուտքին դէմ մեզ հեռու պահեց մեզմէ ու մոռցանք մեր ծառաները։ Քսան­երեսուն ժողովուրդ, ու կազմակերպուած, բանակով ու թագաւորով ժողովուրդ նուաճող մեր խոյանքին մէջ, մոռցած էինք, ու իրաւամբ, յոյներու եւ թաթարներու ախոռին շղթայակապ, ջախջախեալ քամակով կովը, հազիւ իր կճղակներուն վրայ կենալու կարող։ Անցեր էիք մեզի, ձեր տէրերուն փճացումով։ Շարունակեցիք ձեր կմախատիպ քարշ գալը, մեր բանակներու ետին։ Յետոյ փոխուեցան պայմանները։ Մեր ընկրկումը, արդիւնք մենէ վեր պատճառներու, ամէնէն շատ մեր հեղեղային թափին   --ձեր տարազներով՝ աքցիայ ի եւ ռէաքցիայ ի պրոբլեմ ին--, նուազեցուց մեզ մեզմէ։ Տարօրինակը այն է, որ ուրախացաք յաղթողներէն աւելի։ Մեր ընկրկումը ձեզի բան չէր աւելցուցած սակայն։ Ու կ’անգիտանաք այս երկրորդը, ձեր չաճիլը, երբ առաջինը ձեր օրրանի տղոցն ալ կը սուլէք ականջին։ Ըրիք աւելին։ Ո՛չ միայն չճանչցաք ձեր տկարութիւնը, այլեւ միշտ արեւմուտի ստուերներուն նման աճեցուցիք հեշտանքով։ Մեր ամէն մէկ պարտութիւնը ձեզ ըրաւ աւելի պահանջկոտ, աւելի լիրբ։ Մինչդեռ պարտաւոր էիք կենալ ուշադիր, առնուազն ընդունիլ, որ հակառակ մեր նահանջին, դեռ շատ մօտիկն էինք, մէկ­երկու դարով, այն ժողովուրդին, որ իր բազուկին կորովը արժեցուցած է շատ աւելի իմաստուն եւ մեծ ձեռնարկներու մէջ, քան ա՛լ ձեր կրացած ուղեղը, որ, դարերով կապուած գերութեան անիւին, դարձաւ ու դարձաւ, ինքն իր վրայ, աչքերը փակ, նման պարտէզներ ջրող գրաստին։ Այդ դարերուն, երբ ուրիշներուն անիւն իսկ չունէիք ուժ ալ դարձնելու, մենք նուաճեր էինք կէսը Արեւմուտքին, ու խոշոր մէկ հատուածը՝ Մօտիկ Արեւելքին։

 

-- Զոր չպահեցիք։

 

-- Ձեզ կը պահենք սակայն, քանի ողջ էք։

 

-- Կովին հեքիաթը։

 

-- Եթէ կ’ուզէք։ Ո՞վ պիտի հասկցնէ այդ փոքր պատկերին ահաւոր իրականութիւնը ու բանայ վարագոյրը ձեր կուրցած ուղեղներէն։ Տէմակոկ ձեր մամո՞ւլը։ Ցնորած ձեր յեղափոխականնե՞րը։ Իր դերէն [228] օտարացած կղե՞րը։ Ո՞վ՝ վերջապէս, ո՞վ պիտի ունենայ բաւական առողջ մտածում ու զօրաւոր թոք` պոռալու համար ձեր մոլորած ականջներուն միւս աւելի յատկանշական հեքիաթը գորտին ու կովին։ Ո՞վ, մա՛նաւանդ՝ բարիքը պիտի գործէ ձեզի, զգուշացնելով ձեր իմաստակները մեզ նախատելէ, առասպելներովը ձեր երբեմնի եւ այժմեան մշակոյթին, զոր այնքան յորդ պերճութեամբ, բառերու կրկէսէն, կը սիրէք հակադրել մեր աւերածներուն։ Մեզ կը նախատէք, որ աշխարհին ոչին չ ենք տուած։ Բայց չէք ալ հասկնար, որ այդ աշխարհին բան տուած ըլլալը անգանձելի ապառիկներով հարստութեան հեքիաթ մը շինելուն կը նմանի, իբր թէ աշխարհին բան տուողները դարերով ուրիշներուն գարշապարը լզելու բախտէն խնայուեցան, երբ ծերացած, մաշած, ինկան նորերու գրոհին դիմաց։ Ատկէ զատ՝ աշխարհ շատ չ’ախորժիր կանգուն բաներէ։ Առնուազն անշունչ բնութիւնը ինք կը ձանձրանայ ու անջրպետէ անջրպետ ինք կը կործանէ երկիրները, ծովերը եւ լեռները։ Ո՛ւր մնաց այդ խախուտ հաւասարակշռութեան վրայ իր երկրաչափութիւնը հաստատող մարդ կենդանին։ Աշխարհին զարդին մաս կը կազմեն մեծ աւերակները։ Ուրիշ պահանջի չհպատակեցան իրերայաջորդ քաղաքակրթութիւններ երկրի երեսին։ Ի վերջոյ կայսրութիւններ վերածելի են, պիտի ըլլան կայսերական աւերակներու։ Մենէ վեր կիկլոն մը ճարտարապետն է այս տրտում խաղին։ Ու մարդիկ խելացի բան մը կ’ընեն, եթէ երբեմն­երբեմն անդրադառնան այս ճակատագրական օրէնքներուն։

 

-- Որքան գեղեցիկ առաքելութիւն մը պիտի ըլլար ձերը, եթէ այդ մռայլ օրէնքները փոխանակ ինծի բացատրել ջանալու, ընդհանրացնէիք ձեր զանգուածներուն մէջ, որոնք այնքան պէտք ունին այդ կարգի սրբագրող զգաստութիւններու։ Արիւնի ու կրակի հանդէպ այնքան զգայուն ձեր հոգին պիտի մեղմանար իր ախորժակներէն, եթէ քիչիկ մը պատմութեան աղ նետէիք անոր եռացող, զազիր ու քստմնելի կաթսային մէջը։

 

-- Ատիկա ըրիք դուք, ձեզի համար, մենէ շատ առաջ։ Եւ ահա ուր էք իջած այսօր։ Ժողովուրդները աւերակներ կրնան տալ։ Բայց ատիկա չի նշանակեր կեանքը այդ նպատակներով առաջնորդել։ Իմ մտածումս ճիշդ հակառակ սկզբունքներու պաշտպանութեան կը ձգտի։ Ըսել կ’ուզեմ՝ երբ կ’ապրին, պէտք է ապրիլ լրիւ, որքան լայնք, որ մարդկօրէն զետեղելի է այդ տարազին մէջ։ Ձեր կողմէ յետադէմ, բարբարոս որակուած մեր ժողովուրդը գիտցէք, թէ ամէնէն երջանիկ, ամէնէն գոհ, ամէնէն մեծ ժողովուրդներէն մէկն է այսօր։ Պտտեր եմ մեր քաղաքները, բանտերէն մինչեւ բոզանոցները, ճամիներէն մինչեւ դպրոցները։ Ամէն տեղ լուրջ ու կուշտ մարդեր միայն տեսայ, որոնք անսահման վստահութեամբ մը իրենց վեհապետին, տուած էին իրենց օրերուն նիւթական եւ հոգեկան քաղցր պարտքերը աղօթքին ու վայելքին։ Հողագործը իր ցամաք հացին հետ կը ծամէր կեանքին գերագոյն հեշտութիւնը, իր արտի գլխին` զաւկըները դիտելով ու խօսելով կնոջը հետ։ Քաղքենին՝ իր գործին մէջ իր յոգնութիւնը մոռնալ կրնալով իր թերթին ութ­ տասը սիւնակ սփոփանքը խմելով մեծ պարզամտութեամբ։ Բայց չեմ կրնար թւումը տանիլ առաջ։ Չեմ զարմանար, որ դուք անգիտանաք գեղեցկութիւնը այս ամէնուն, քանի որ ձեզի համար կեանքը պարպուած է այդ բաղադրիչներէն, վերածուելու համար ճիղճ, տխուր, ահաւոր տգեղութեամբ պատկերի մը։ Ձեր ժողովուրդը կ’ապրի, երբ ինքզինքը չի զգար ջարդի նախօրէին։ Ու այս տարբերութիւնը իմացողական չէ դժբախտաբար։ Ատիկա չափած է ձեր պարզագոյն պառաւն ալ։ Ու նոյն հողին վրայ հոգեկան այսքան հակադիր վիճակներու գոյութիւնն է, որ ձեզ թշնամի է ըրած, մեր երջանկութեան հանդէպ խորունկ նախանձով մը հերկելով ձեր մէջ խաղաղութեան ու բարութեան գօտիները։ Մենք մեր օրը կը սկսինք մինարէով, այսինքն՝ չորս ծագերու վրայ մեր կամքին մեծ պատգամովը ու մեր գոհունակութեան խոր արձագանգովը։ Մեր այս հպարտութիւնը մի շփոթէք քրիստոնեայ զանգակներուն իսկապէս բարբարոս, անխելք խառնակոչին հետ։ Լսեր եմ ձեր ալ պայրամները, մեծ մայրաքաղաքներու զանգուածին ընդմէջէն։ Մետաղ էր, ու հետեւաբար հաստ, վանող, ծակող, ինչ որ կը թուէր ճամբորդել մեր գլուխէն վեր։ Բայց դուք կ’ատէք մերինը. որպէսզի լրջութեամբ ձգտիմ ձեզի մատչելի ընելու իրապէս մարդկային, տաք գեղեցկութիւնը հարիւրով բերաններու, պայրամ առտուընէ, բացուած՝ հանդարտ ու երջանիկ ոստաններու երակներուն…

 

-- Կը հաւատա՞ք ձեր պատկերներուն։

 

-- Կը հաւատամ բանի մը, ամէնէն շատ, ատ ալ՝ ձեր ասպարէզին բերումով ձեր կեանքէն կտրուած ըլլալուն։ Անկարելի է լեռնականներէն նաւաստի հանել։ Ու անկարելի՝ համը զգալի ընել ապրելուն անոնց, որոնք դժբախտ կը մնան։ Ըսի ու կը կրկնեմ. ձեզի համար ապրիլը շատ­շատ հոմանիշ է չջարդուելուն։ Չունիք ձեր արիւնին մէջ ազատութեան հետ շաղուըւած զգայութիւններ, որոնք, ձեր գիրքերէ սորված ռոմանթիք ու անիրական հաճոյքներուն քով, ձեզ ընէին մատչելի իրապէս խոր ու խռովիչ միւս հաճոյքն ալ, հաճոյքը՝ տիրելու, այս անգամ ո՛չ բարբարոսութիւն կամ կոտորած, այլ՝ մարդկեղէն իրաւունք մը, իրաւունքը՝ ինքզինքը տիրելուն, իրաւունքը՝ ուրիշի չծառայելուն։ Ու ահա աղէտը։ Դուք հեռու էք այս ամէնը կասկածելէ։

 

-- Մեր ժողովուրդը դարերով այդ երազն է փայփայեր։

 

-- Ձեր ժողովուրդը դարերը իր գլխուն բեռ կը նկատէր։ Անիկա չէ ընդունած կեանքը, հասարակաց իմաստով։ Անոր համար կեանքը փորձի, փորձանքի շրջան մըն է, որ իր տառապանքի տոկոսովը արժէքի կ’ելլէ։ Բայց ի՛նչ հարկ այս վերլուծումներուն։ Կոյրը սխալ պիտի խօսի, երբ պիտի խօսի լոյսէն։ Գո՞րծն է, որ ողջ կը պահէ գործարանը, թէ գործարանն է, որ կարելի կ’ընէ գործը։ Տեղը չէ հոս ակադեմական կամ բիւզանդական վէճերուն։ Ես հաստատ համոզում ունիմ, որ հրաշքով մը ձեզի դարձուած ձեր հողերը քառորդ դարէն դուք պիտի բերէիք ետ, մեզի, իբր անհասոյթ կալուած, վասնզի անոնց շահագործման վրայ ձեր վիճաբանութիւնները ձեզի ժամանակ պիտի չձգէին աշխատանքի։ Այս չէ՞ ձեր համբաւաւոր իմաստութեան, պահանջներուն անդրագոյն լուծումը։ Քանի՜ անգամ այս իմաստութիւնը արձանագրեցին ձեր պատմիչները։ …Տարիներէ ի վեր հողային հարցով կը ռմբակոծէք մեր դատարանները ու չէք մտածեր, թէ հողը փափաքներով վար չի դրուիր։ Ու չէք մտածեր, թէ որո՛ւն սեփականութիւնը եղան այդ հողերը, դարեր ու դարեր։

 

-- Մե՛րը, փաշա։

 

-- Ոչ մէկ ատեն ձերը։ Դուք տէրը չեղաք նախ ձեր գլուխին, որպէսզի ըլլայիք տէրը ձեր ոտքերուն, ու անոնց կոխոտած գետիններուն։ Այդ հողերը միշտ պատկաներ են ձեզ գերեվարողներուն։

 

-- Հողը՝ հերկողին։

 

-- Ատիկա հիմա։ Հարիւր տարի առա՞ջ։ Կը հարցնեմ։ Յիսուն տարի առա՞ջ՝ ձեր փառաբանած Ռուսաստանին մէջ։ Չէք պատասխաներ։ Հողը հերկողի՜ն։ Բայց ինչո՞ւ չէք ըսեր նաեւ միւս եզրն ալ առածին՝ ու խոտը՝ կովուն։ Ինչպէ՜ս ալ կը հաւատաք վարչական արդարութեան մը, որ պիտի գործադրուէր ի վայելումն նուաճեալ ազգերու։ Այդ տեսակ ռէժիմ չէ եղած ոչ իսկ Հռովմի օրերուն, երբ տիրող տարրը թիւով ալ վար էր մեզմէ. ըսել կ’ուզեմ՝ գերիներէն հանուելիք վայելքի տոկոսը անհամեմատ բարձր, քան ներկան։ Ինչո՞ւ կը հաւատաք եւրոպական արդարութեան, որ ձեզ կ’արհամարհէ ու դուռները գոց է ըրած անանցանելի կապանքներով։ Ու անկէ թարգմանուած օրէնքնե՜րը։ Որոնք ձեր բերանը լայն բացին։ Տղայ ըլլալու է մարդ՝ համոզուելու համար սա անհեթեթ բանին, որուն համեմատ երկիր մը իր թշնամիները իր իսկ միջոցներով պիտի զինէր իրեն դէմ, անոնց շնորհելով հաւասարութեան ռէժիմ մը։

 

-- Չեղանք այդքան միամիտ։

 

-- Այո։ Ու եղաք աւելի։

 

-- Սո՞ւտ՝ ձեր Թանզիմաթ ը [229], հռչակաւոր օրէնքները, սահմանադրութիւնները, ու յանուն արեւմտեան մշակոյթին ձեր պոռացուցած մունետիկները երկրին ներսն ու դուրսը։

 

-- Ուրիշ ի՜նչ, տղա՛ս։ Ուրիշ ի՛նչ։ Դուք կը հաւատաք, թէ այդ ամէնը գործադրեցինք մեր չիսլամ հպատակներուն բարօրութեան համար, որպէսզի հաստնան, հարստանան ու անկախութիւն պահանջեն միշտ։ Երանի ձեզի։ Նման արարք մը ինքզինքը կործանել պիտի նշանակէր։ Ըրինք այդ օրէնքները միայն ու միայն մեզի համար։ Այդ կարգադրութիւններով մեր ժողովուրդը կը պաշտպանէինք մեր ներքին թշնամիներուն դէմ, բռնապետներ, աւատական կարգերու յարողներ, կեղեքիչներ։ Ու մաքրեցինք մեր վարչութիւնը քմայքէն, կամայականութեան լուծէն ու զայն արտաքնապէս արդիացուցինք։ Խաբուեցաք. ձեզի հետ նաեւ՝ դիւանագէտ Եւրոպան։ Կէս դարու պատմութիւնը արդարացուց մեր ձեռնարկը։ Թանզիմաթի ոգիով ստեղծուած թուրքը, ըսել կ’ուզեմ՝ զարգացած, հայրենասէր, գիտակից թուրքը հարիւրպատիկ աւելի կ’արժէ, քան միւսը, մէտրէսէ ներուն, թէքքէ ներուն կաղապարած հաստ արարածը։ Թանզիմաթը աս է եւ քիչ ուրիշ բան։ Կրկներեւոյթ մը ձեզ խաբեց ուրիշներէ աւելի։ Վարչական նոր մարմինին համար, մինչեւ մերիններուն պատրաստուիլը ձեզմէ առինք ինչ որ կար տրամադրելի իբր նոր ուժ։ Երեսուն­քառասուն տարի առաջ պետական պաշտօնները այդպէսով մատչելի եղան ձեզի։ Ատկէ, օրէնքին քանի մը տառերը պատրուակ բռնելով, եղաք աւելի քան միամիտ, կ’ըսեմ՝ ուղիղ յիմար, պահանջելու համար հաւասարութիւն այնպիսի մարզերու մէջ, որոնք ձեր հօտի, ստրուկի ոտքերուն հետ չունէին աղերս։

 

-- Կը դառնաք ու կը դառնաք` իյնալու համար ձեր հիմնական մտածումին գիրկը։

 

-- Ձեր միամտութի՜ւնը՝ որեւէ ատեն մեզ անկէ հեռացած կարծելու, հոն ենք, տղաս, հո՛ն՝ ուր էինք հինգ դար առաջ, երբ մեր առաջին եպարքոսները ձեր մատաղ մանչուկները կը հաւաքէին, անոնցմէ պատրաստելու համար ձեզ կործանող ուժերը։ Չնեղուիք, բայց այս այսպէս է։ Մեզի համար փոխուածը ձեւն է միայն։ Հիմա, մեր ծառայութեան մէջ ձեր ուժերը կ’աշխատին ի շահ մեր երկրին, ձեր վնասովը։ Հողէն հեռացնող ամէն աշխատանք կորուստ մըն է ձեզի համար։ Սխա՞լ, ուղի՞ղ, մօտ ապագան պիտի ըսէ ատիկա։ Երեք­չորս դար մեզի օգտակար ըլլալէ յետոյ ենիչէրիները ապականեցան։ Այն ատեն մաքրեցինք զիրենք։

 

-- Դուք գի՞րք կը գրէք։

 

-- Ո՛չ։ Ես կը ծառայեմ իմ հայրենիքիս` Թանզիմաթով բարեփոխուած օրէնքները կարելի եղածին չափ մեզի շահաւէտ ընծայելով։ Իմ նպատակս՝ այս գաղափարաբանութիւնը տարածել զանգուածին մէջ ու ձեզի հանդէպ բնազդական ատելութիւնը մշակուած, վճռական ու անողոք ձեւի մը վերածել։ Այսպէս պիտի պատժուին բոլոր անոնք, որ մեր հողերուն վրայ կը սնանին ու մեր կռնակէն դուրսերը կը հովեն։ Մեր ժողովուրդին միամտութիւնը սրբագրել ու անոր մէջ արմատացած կրօներանգ արգահատանքը հալածել։

 

-- Դուք կը պայքարիք Արեւմուտքին դէմ։

 

-- Որ գործ չունի մեր կայսրութեան մէջ. ըսել կ’ուզեմ՝ բարով գործ մը։ Մենք կը բաւենք մեր բոլոր պէտքերուն։

 

-- Կ’աճապարէք։

 

-- Ընդհակառակն, ուշ ենք մնացած։

 

-- Արաբնե՞րը։

 

-- Պիտի թրքանան։

 

-- Այլապէ՞ս։

 

-- Անոնց հանդէպ ալ պիտի որդեգրենք ձեզի դէմ կիրարկուած մեթոտները։

 

-- Հանրային կարծի՞քը։

 

-- Լրագրողները թող զբաղին անով։

 

-- Եւրոպա՞ն։

 

-- Իր անարդարութիւնները թող դարմանէ։

 

-- Ռո՞ւսը։

 

--  Գոնէ եզրի մը վրայ համաձայն ենք անոր հետ։ Ու ըսի ատիկա։

 

-- Պատմութեան իրաւունքնե՞րը։

 

-- Իրաւաբաններուն դիմեցէք, կրնան թերեւս ձեզ գոհացնել։ Ի՞նչ կ’ուզէք այն հողերէն, որոնց գրաւումին մէջ դուք մասնաւորաբար երբեք չեղաք մեզի հետ։

 

-- Ծառայած ենք ձեր բանակներուն։

 

-- Բռնի։ Երկու դար է, ատ ալ արգիլեցինք ձեզի։ Մինչ մեր արիւնը կը հոսէր կայսրութեան զանազան սահմաններուն, դուք ձեր եկեղեցիներուն մէջ ամէն օր Աստուծմէ թախանձեցիք պարտութիւնը մեր «այլազգեաց» բանակներուն, եւ յաղթանակը՝ «թագաւորացն քրիստոնէից եւ իշխանացն բարեպաշտից», որոնք նոր օրակարգով Քեռի Ռուսին ազնուականութեան մէջ տիտղոս կը կրեն։ Հիմա, մենք գիտենք ատիկա։ Ու պիտի գիտնայ այս ամէնը ամէն թուրք, ա՛ն իսկ, որ էլիֆպա չի ճանչնար։ Ոչ մէկ ժողովուրդ ձեզի չափ ապերախտ եղաւ մեզի դէմ։ Ու պիտի պատժենք ձեզ՝ ձեր յանցանքին մեծութեան կանգունովը։ Մենք թափեցինք մեր արիւնը ու դուք հարստացաք։

 

-- Անշուշտ ի վնաս երկրին, քանի որ անաշխատ մարդերու բանակներ կը կերակրենք ու պարբերաբար ալ զանգուածներ։

 

-- Դուք կ’ըսէք։ Անցած են դարեր այն օրերէն, երբ հպատակներու բարօրութիւնը երկրին ալ հարստութիւնը կը ներկայացնէր։ Այդպէս մտածելու սխալը դեռ չենք ներած մենք մեր մեծ սուլթաններուն։ Հիմա մեզի թշնամի կը նկատենք ամէն օտար, այսինքն ա՛ն՝ որ մեզմէ դուրս լեզու մը կը խօսի կամ կրօնք մը կը դաւանի։ Ասիկա դասական մոլեռանդութիւն չէ, այլ՝ հոգեբանօրէն ապացուցուած տխուր ճշմարտութիւն մը, զոր անարգելու մեր յիմարութիւնը մեզի արժեց այնքան մեծ ու գեղեցիկ երկիրներ։ Հիմա, մեզի թշնամի տարրերու հարստութիւնը հոմանիշ է սեփական աղքատութեան։

-- Չուզեցիք զիս լաւ հասկնալ։ Ձեր հպատակներուն հարստութիւնը անուանական է։

 

-- Չեմ հասկնար։

 

-- Պարզ է սակայն։ Հինգ­վեց տարի առաջ սուտն ու գրգռութիւնը բաւեցին ձեզի, որպէսզի դարաւոր վաստակ մը քանի մը շաբթուան մէջ ամբողջութեամբ անցնի ձեզի։ Բոլոր խանութները, տուները պարպուեցան ի շահ ձեր տնտեսութեան։ Չեմ խօսիր մարդոց կորուստէն։

 

-- Թալա՞նը։ Բայց ատիկա ոչինչ կ’ապացուցանէ, բացի ձեր գլխուն իր կախած սպառնալիքէն։ «Հայ»ով եկածը «հույ»ով կ’երթայ, կ’ըսէ մեր առածներէն մէկը։ Հարստութիւնը վազող աղբիւրն է, ոչ թէ ընդունող աւազանը։ Ըսել կ’ուզեմ՝ կողոպուտ մը, որքան ալ մեծ, կը սպառի, ուղիղ համեմատութեամբ։ Մեզի վնաս իսկ է այդ աւազակութիւնը, որ մեր մարդերը կը զառածէ հանդարտ աշխատանքէն։

 

-- Փաշա՛, մինչեւ հիմա ինծի հարկադրուած տառապանքներէն ամէնէն մեծը կու գայ ձեզմէ։ Վասնզի ձեր վրայով կ’ուրուագծուի նոր թուրքը, որ վաղը պիտի փոխանորդէ հիմակուան բարբարոս, բայց գոնէ պուտ մը արդարութիւն ունեցող թուրքը։

 

-- Կը զգա՞ք ատիկա։

 

-- Խելքը ունինք ատոր։

 

-- Կարելի՞ է տակաւին խօսիլ։

 

-- Անշուշտ։ Շահեկան էք ձեր շատ մը կողմերով։ Կը խօսիք։ Այսինքն՝ պահեցիք սա բանավէճին գնացքը, բնական ու վշտագին իր անգթութեանը մէջ ու չտարուեցաք, ինչպէս ըրին միւսները, ձեզի պէս ու հետ մտածողներ, որոնք պարտուեցան կիրքէն, [230] ու ծեծէն առաջ առնուազն հայհոցին [231] ։ Ձերը յաջողութիւն մըն է անշուշտ ժողովուրդի մը մէջ, որ դարերով կոտրեց, թափեց, մտիկ չըրաւ, չխօսելու համար։ Աւերումին նիւթական եռանդը բազուկներով արտայայտուելէ առաջ, կ’որոտայ լեզուով։ Ու չբարկացաք։ Եթէ այս սառնութիւնը չարագուշակ փաստ մըն է ի վնաս մեր Դատին, միւս կողմէ՝ նշան մըն է միտքէ միտք հասկացողութեան մը կարելիութեան, որուն մտածումը յաճախ այցելեր է ինծի, Անատոլու պտտած միջոցիս։ Նահանգներէ անցայ, ուր հայու եւ թուրքի աւանդական հակադրութիւնը հեռու էր ձեր զգեցուցած եղերական դառնութենէն։ Կային գեղեր, ուր ձերինները գրեթէ կը սիրէին չորպաճի ները։ Ե րջանիկ չէր անշուշտ ձեր ժողովուրդը, ինչպէս կը պոռաք ամէն առիթով, նոյնիսկ այդ գեղերուն մէջ։ Բայց իր աղքատութեան եւ զրկանքին մէջ գոնէ պատեհութիւն ունէր մահուան համար չհասուննալու։

 

-- Ոչ մէկ տեղ ըրինք ատիկա, Դէպքերէն առաջ։ Այդչափ անխելք չէինք, չէին մեր մեծազօր նախնիքներն ալ։

 

-- Չէ՞ր կարելի իրար հասկնալ։ Չէ՞ կարելի։

 

-- Կը կրկնէք իմ հարցումներս ինծի։ Մենք պէտք չենք զգար ձեզ հասկնալու աւելի անդին, քան ըրած ենք։

 

-- Բայց ի՞նչ է ձեր ըրածը այդ ուղղութեամբ։

 

-- Մահուան հասունցած ժողովուրդի մը ձեռքէն բռնեցինք, գէշ­աղէկ, մեր խելքը հասածին չափ դարմանեցինք անոր վէրքերը. անոր լեզուն, կրօնքը, ազգային աւանդութիւնները պահեցինք անձեռնմխելի, ստրկութեան մէջ ամրացած անոր հոգեկան անիշխանութիւնը ամոքեցինք մեր օրինակներով. անկումի, սողալու միայն ատակ անոր յատկութիւններուն մէջ մշակեցինք քիչ­շատ տանելի զգացումներ. անոր ընդունակ տարրերուն համար բացինք մեր պալատները, բարեկամութիւնը, պետական պաշտօնները, որպէսզի մեր շրջանակներուն մէջ իրենց հայթայթած իմաստութիւնը, փորձառութիւնը գործածեն մեր կործանումին, առնուազն տկարացումին։ Ի՞նչ ըրիք։ Բայց կը կրկնեմ ու կը կրկնեմ, մեր իսկ ձեռքովը մեր ծոցին մէջ պահեցինք տզրուկը, որ մեր արիւնը քամեց։ Ու քիչ բան չէ ասիկա, պարոն յեղափոխական։

 

-- Պարտաւոր եմ պաշտպանելու իմ ժողովուրդս այդքան անիրաւ ու անգութ վճիռներու դէմ։ Ձեր կայսրութեան տարածման մէջ ինչո՞ւ կ’ուրանաք մեր բաժինը։ Դարերով ձեր բանակները պարենաւորողը ձեր տզրուկ որակած մարդերը եղան։ Մենք աշխատեցանք, երկրին տնտեսութիւնը առինք մեր քամակին, ու դուք կուշտ ձեր տուներէն, մեր եղովը զօրացած՝ ելաք աշխարհ նուաճելու։ Որքան շուտ կը մոռցուին բաներ, որոնք բլուրի մը ետեւը կը մտնեն։ Մենք աշխատեցանք միայն ու միայն ձեզի համար։ Կ’ուրանա՞ք։

 

-- Պատմութեամբ, անցեալով, յիշատակներով, գերութիւնը ազատ ստեղծագործ աշխատանքին հետ շփոթելով դատ վաստկիլ, ահա ձեր աճպարարութիւնը։ Բառերով դատ չեն վաստկիր։

 

-- Կը հասկնամ։ Բայց բառերով ալ չէք կրնար հերքել ակներեւ ճշմարտութիւնները։

 

-- Այսինքն՝ թշուառութիւնը ձեր հայրենակիցներուն։ Զոր մեծցուցիք, ոսկեզօծեցիք, յանձնարարուած արուեստով մը, օտարներուն նպատակները լուսաւորելու չափ յիմար գեղեցկութեամբ մը։ Ձեր թշուառութիւնը, բռնաբարումը, հարստահարութեանց, հալածանքին հեքիաթները, որոնք խնամքով պատկերազարդեցիք ձեր մեծ բարեկամներուն մատուցուող յուշագիրներուն նիւթ ճարելու ձեր միամիտ, ձեր յիմար աճապարանքին մէջ։ Նոյնիսկ տասը տարիէ ի վեր ուժգնութեամբ գործադրուող ճնշումին հակառակ, ձեր բնակչութիւնը կը պահէ յաւելման իր սակը, ամէն նահանգի մէջ, ինչպէս ես հաստատեցի վիճակագրական տախտակներէն։ Հակառակ ահագին փոթորիկին, որ հնձեց ձեր ամէնէն ընդունակ բազուկները, դէպքերէն հինգ­վեց տարի վերջ, կը բաւէ ձեր ձեռքէն բռնած, ձեզ պտտցնել անգամ մը սա քաղաքին մէջ, ցոյց տալու համար ձեզի աստիճանը ձեր աղքատութեան։ Շուկա՛ն։ Ուր արժէքով ու ճաշակով վաճառատունները հրեաներուն ալ չեն պատկանիր, ո՛ւր մնաց թուրքերուն։ Այս նահանգին ամէնէն թանկ ճարտարարուեստը, Թուրքիոյ միակ ճարտարարուեստը, մետաքսի ու խոզակի գործը մեր ձեռքը չէ, որ կեդրոնացած է։ Թաղե՛րը։ Որոնք ձեզմէ բնակուած մասերու մէջ, եւրոպական քաղաքներու ծրագիր­յատակագիծը կը բերեն աչքի։ Տուները, հանգստաւէտ, լայն, գեղեցիկ ու արդի comfortին բոլոր առաւելութիւններովը։ Չհանդիպեցայ ձեր փողոցներուն մէջ Արեւելքի ընթացիկ խշտիներուն, որոնք այս քաղաքին մէկ կարեւոր մասը կը պահեն քանի մը հարիւր տարի առաջուան խեղճութեան, աղտին ու արտաքին աղքատութեան մէջ։ Մանարաննե՛րը։ Ուր աշխատողները ու գործող դրամագլուխը թուրք չեն ապահովաբար։ Ասիկա, այս քաղաքին մէջ, առանց արտի, պարտէզի։ Այս փարթամ բարգաւաճումն է ապահովաբար ձեր թշուառութեան խորհրդանիշ առասպելը։

 

-- Անցեր եմ Անատոլուն։ Ու տեսածս բոլորովին տարբեր բան է, փաշա՛։

 

-- Ես ալ եղեր եմ Վան, Կարին, Սվազ։ Ու իմ տեսածներս շատ մօտիկ բաներ էին ինչ որ [232] արագ պարզեցի ձեզի։ Բոլոր այդ քաղաքներուն մէջ, Դէպքին [233] հակառակ, թալանին հակառակ, կառավարական ուժով ճնշումին հակառակ՝ շուկան անոնցն է։

 

-- Եղա՞ծ էք Կովկաս։

 

-- Չեմ հասկնար հարցումին նպատակը։

 

-- Այսինքն՝ երկիր մը, ուր շատ մը ժողովուրդներ քով քովի կ’ապրին, անշուշտ իրար չհամբուրելով։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Ոչ ալ ձեր ծրագրածին, բացատրածին նման՝ իրար ուտելու երդումով։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Պիտի համոզուէիք, որ ժողովուրդներու այդ խառնարանին մէջ, ուր ձերինն ալ մեծ քանակով իր բաղկացուցիչ տարրերը ունի, իմ ժողովուրդը, պայմաններու նոյն որոշադրութեամբ, նոյն ճնշումով, երեւան բերած է ինչ որ դուք հզօր նախանձով մը շատ կը տեսնէք իրեն հոս։

 

-- Բայց հովը ուրիշ կը փչէ Էջմիածինէն։

 

-- Վասնզի իրօք ուրիշ կը փչէ։ Ռուսերը մեզ կ’ատեն իրենց պաշտօնատարներուն ուղեղովը։ Բայց միտքէ չեն անցուցած աշխատողին տունը մտնել ու անոր լուծքը առջին ձգել ու ելլել­երթալ։

 

-- Ո՞ր թուրքը եղած է ձեզի դէմ այդ բարբարոսութեան մէջ։

 

-- Ո՞ր թուրքը չէ եղած, փաշա՛։

 

-- Կ’աղաչեմ, պարոն յեղափոխական, դուք կը շփոթէք քուրդը [234] թուրքին հետ։

 

-- Ո՞վ կը զինէ, կը քաջալերէ, կը թելադրէ քուրդը [235] ։

 

-- Ասպատակները հասարակ ոճրագործներ են ու կը պատժուին ամէն երկրի մէջ։

 

-- Այո՛։ Թուրքիոյ մէջ սակայն շքանշանով կը վարձատրուին։ Կովկասի մէջ ալ գոյութիւն ունին այդ քուրդերը [236] ։ Բայց ոչ մէկուն միտքէն կ’անցնի օր­ցերեկով ներկայանալ դրացի գիւղին, պահանջել հօտերը, առնել բռնի, դիմադրութեան պարագային՝ արիւնով, քաշուիլ չորս ժամ անդին ձորակի մը մէջ եւ իւրացնել գողօնը։ Ո՞վ դրած է հոն այդ յարգանքը հանդէպ ուրիշին ինչքին ու պատիւին։ Ոչ անշուշտ այդ ժողովուրդները։ Ու ներեցէք, որ աւելցնեմ, այդ ցեղերու տնկարանին մէջ իմ ժողովուրդը կը մնայ ամէնէն շահեկանը, երկրին համար օգտակարը, խորունկը։

 

-- Նոյն այն պայմաններով, որոնք ձեզ ուշքի կը ձգեն [237] հոս։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Խորամանկութեամբ, խարդախութեամբ, ագահութեամբ, անհուն եսասիրութեամբ, վաշխով, փոքրութեամբ, սողոսկումով, տզրուկի ժանիքներով եւ աղաւնիի անմեղութեամբ, ու զոհի եղերական արտայայտութեամբ։

 

-- Դուք Թուրքիան տուիք, եւ ոչ ուրիշ բան։

 

-- Թիֆլի՞սը, Բաքո՞ւն։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Նաւթի իշխաննե՞րը։

 

-- Անոնք դուրս են մեր ազգէն, ինչպէս բոլոր հարուստները դուրս են իրենց ժողովուրդէն։ Մեր ժողովուրդը այդ հարուստները կը դասէ օտար։

 

-- Բայց անոնց շնորհն են ձեր հանրային հարստութիւնները։

 

-- Ատով կը քաւեն այդ անզգամ արարածները չարիքը, զոր հասցուցին իրենց ժողովուրդին։

 

-- Ձեր մեծատաղանդ վաճառականնե՞րը։

 

-- Որոնք աշխարհը խարդաւանեցին, բայց ամէնէն շատ իրենց ցեղակիցները, որբն ու այրին։

 

-- Շէյխե՞րը, փաշանե՞րը։

 

-- Անշո՛ւշտ։ Ձեր ապականութեան խմորներն են, անոնք ձեր սիրասուն ձեռակերտները։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Ձեր, բոլոր իշխողներուն կողմէ մարզուած սողուններ այդ մարդիկը, որոնք պաշտօն ունին ձեր ապականութիւնները համազգեստով ու շքանշանած մեր մէջ փոխադրելու։ Մեր ընդոծին առաքինութիւնը խաթարելու գեղեցիկ հնարքը։ Կը վարձատրէք շատ գողնալուն, շատ մատնելուն, շատ տուն մարելուն համար այն թշուառականը, որ իր ցեղին փոխանակ յատկացնելու իր ընդունակութիւնները, ծառայեց ձեզի։ Դուք էք ստեղծած մեր նոր դասակարգին ամէնէն անտանելի, ամէնէն եսասէր, անարգ տարրը, էֆէնտին։

 

-- Զօրաւոր է ձեր ատելութիւնը։

 

-- Պակաս, փաշա՛։ Այդ մարդերն էին, որ գառնուկի մորթով մեզ մոլորեցուցին։ Տաճիկներու ծառայելը ըրեր էին մեր պապերն ալ։ Բայց ատոր համար կ’ամչնային պարծենալէ։ Ասոնք [238] կը մատնեն ու ոստիկանատունը ձգելով կ’երթան եկեղեցի, կը հագնին տիրացուի շապիկը եւ կ’երգեն իրենց պապերուն հեղինականութիւնները, անոնցմէ աւելի եռանդով։ Այդ ոգին է, որ աւելցաւ ձեր միւս խորամանկութեան։ Խուլ ու յամառ իմաստութեամբ մը, մեզ քշեցիք դաշտերէն դէպի քաղաքները, դէպի էֆէնտիութիւնը, վստահ ըլլալով մեր հոգին արմատախիլ ընելու, իր դարաւոր խարիսխներէն։ Գիտէ՞ք, որ մեր ժողովուրդը կ’ուրանայ, այդ էֆէնտիներուն հետ, նաեւ այդ պազիրկեան ները։ Աւելի՛ն. զանոնք կ’որակէ «ցեց», «մակաբոյծ»։ Հոդ չէ մեր ժողովուրդը։

 

-- Ո՞ւր է ան այն ատեն։

 

-- Հո՛ն։ Միշտ այդ Կովկասին արեւմուտքն ու հարաւը։

 

-- Ինքնատիպ բաներ կ’ըսէք։

 

-- Ամէն մարդ շնորհն ու մասնագիտութիւնը չունի զօրաւոր ու անգութ բաներ ըսելու։

 

-- Առնուազն նոր է իր ժողովուրդին հիմնատարրը ուրանալու ձեր փարատոքսը։

 

-- Թերե՛ւս։ Նորը՝ մեր ժողովուրդը պիտակելու օտար եռանդն է, որ անցած է եւրոպացիներէն ձեզի։ Մերն է, փաշա՛, ոչ ձեր գոված պազիրկեան ներունը կամ էֆէնտիներունը, այլ մեր գեղջուկին դարաւոր նուաճումը՝ ինչ որ Կովկասէն դէպի Արեւմուտք կը ձգուի իբր ընտելացած վայրենութիւն, իբր գիծ­գիծ շահուած գեղեցկութիւն, շնորհ, անուշութիւն, այդ ամեհի խորութիւններէն, որոնք տարրերու խուլ զայրոյթը այդպէս կը սեւեռեն ծովերէն այնքան վեր։ Միայն Կարինը, երկնամերձ իր աշտարակումովը բաւ էր արժէքը տալու համար ոգիին, որ այդ բարձունքները գիտցաւ նուաճել։ Ատիկա չըրին իշխանները, նախարարները։ Ատիկա ընողը ձեր գերի որակած ամբոխն է։ Հայկական բարձրաւանդակը աշխարհագրական չէզոք բացատրութիւն չէ, այլ՝ յաղթանակը ցեղին, որ այդ խուժդուժ լեռներուն մարդկեղէն ոճ մը, սլացքի ճարտարապետութիւն մը, հոգի մը, դաշնակութիւն մը հագցուց։ Հակառակ աւերակ իրենց լքումին, այդ բեկորները քաղաքակրթութիւնն են, որուն դէմ հանելիք ձեր զօրանոցները կամ աղքատ մզկիթները ձեզի համար կը կազմեն տխուր նիշեր։ Արարատն ու Արագածը, Վարագն ու Սիփանը. Գրգուռն ու Բիւրակնը լեռներու անուններ չեն, այլ՝ սառած խորհրդանշանները մեր ստեղծագործ ոգիին։ Ամենադաժան պայմաններու որոշադրութեան դիմաց, երբ պատմութիւն ու երկիր ձեռք ձեռքի կու տային մեզ արգիլելու [239] մեր ամբարձումէն, մենք մագիլներով կառչեր ենք այդ ապալեր բարձունքներուն։ Ու այդ լեռներուն փոքր մեղմացումէն, գետակի մը քմայքոտ գօտիէն կամ հովտակի մը վախկոտ տրապէզներէն իմ ժողովուրդը հաներ է շէն ու ապատ, քաղաք ու գեղ, արտ ու պարտէզ, գոյն ու այգի, բանաստեղծութիւն ու երաժշտութիւն, ու հոգին իսկ իր մարմինին, գողտր, տրտում, լուրջ, քաղցր, բարի, պարզ ու խորունկ այդ իսկանիւթը, որ մեր լեռներուն ծաղիկներուն մէջ երանգ ու արբշռանք ու մեր տղոց շունչին մէջ անապակ ու փափուկ սխրանքն [240] է մեր երգերուն։ Ու հաներ է ատոնք բոլորը, հզօր ու չարաչար պայքարներէ յետոյ, ծուէն­ծուէն ու նեարդ­նեարդ կորզելով զանոնք ամայութեան ու դերբուկի, խորութեան ու վայրագութեան ամեհի հանգոյցներէն։ Դաշտի ժողովուրդ՝ դուք պէտք եղած ուժգնութեամբ չէք զգար այդ ճիգին դիւցազնական արժէքը։ Եկաք, անցաք, ու երբ վերջնականապէս քաշուիք օր մը այդ լեռներուն վրայ ձեր բանաձեւած իրաւունքներէն, այն ատեն պիտի դատէք, թէ որքան վեր էր ձենէ այն ժողովուրդը, զոր չխղճահարեցաք գերիներու արջառ մը որակելէ։

 

-- Ուրիշ երկիրներու, ուրիշ ժամանակներու գերիները ուրիշ բան ըրա՞ծ են արդեօք։ Մի մոռնաք հելլէն գերիները։

 

-- Կը շփոթէք, փաշա՛։ Հելլէն մշակոյթին մէջ գերին բոլորովին ուրիշ բան է։ Արաքսի հովիտը, Վասպուրականի հովտակները, Մուշի դաշտը գերիներով չեն շինուիր։ Երկիր մը արտայայտութիւնն է զինքը լեցնող, ակօսող խորհուրդին։ Ահա թէ ինչու ձեր բոլոր ուրացումները, մեզ նուաստ ցոյց տալու մոլեռանդութիւնը, մեր տկարութիւնները խոշորցնելով մեզ աճիւնի վերածելու ձեր խաբէական սոփեստութիւնները անզօր կու գան զիս կասկածելէ իրականութեանը այն օրուան, երբ եկամուտները, խուժերը, դաշտայինները, տափաստանեան հորդաները ինքնաբերաբար կամ բռնի պիտի քաշուին այդ հողերէն։

 

-- Ռուսերն ալ անշուշտ։

 

-…

 

-- Ինչո՞ւ կը լռէք։ Տափաստանեան ամենամեծ զանգուածը անոնցն է։ Ու ձեր երկրին մէկ կարեւոր մասը անոնց գարշապարին է ինկած։

 

-- Մեր ժողովուրդը ըսած է. «Ապագան Աստուծոյ ձեռքն է»։ Չըլլան անոնք աւելի մեծ, քան հռովմայեցիները։ Դարերու կարկինը ճիշդ չէ գործածել տարիներու սկաւառակի մը վրայ։

 

-- Կը հասկնամ ձեզ, ո՛չ անշուշտ իմացական օրէնքներով։ Կարգ մը բաներ ձեզի մատչելի կ’ըլլան մութ ճամբաներէ։ Ձեզ ընդունելու համար պէտք է վերադառնալ մասնակի [241] այն հոգեբանութեան, որով մարդիկ իրենց մռայլութիւնը, թշուառութիւնը կ’ոսկեզօծեն` իրենք զիրենք նկատելով հզօր ու երջանիկ։ Այս պատրանքը՝ նիւթական կարգերու վրայ։ Բայց մա՛նաւանդ բարոյական կարգերու մէջ։ Պէտք պիտի ըլլար հնարել նոր բառ մը, տարազելու համար իմացական սա հաշիշամոլութիւնը, ուր կ’ապաստանին կեանքէն պարտուածները, անհատ թէ ժողովուրդ՝ նոյնն է տարազը, այդ բռնի ճարուած միգամածին ընդմէջէն, իրենք զիրենք անզգայ ընելով, քանի որ հեռացուած են աշխարհին մեծ կրկէսներէն, յաղթողներուն, յաջողուածներուն վերապահուած, ուր կու գայ կեանքը, լեցուն ու խոշոր կեանքը։ Ժողովուրդներու արժանիքը ես կը զետեղեմ միապաղաղ զգայնութեանը [242] մէջ այդ ապրումին խորութեան, ուժգնութեան եւ քաղցրութեան։ Որքան տարտամ, տժգոյն կը թուին այս մտածումները ձեր ականջներուն։ Դուք կը նմանիք մշտապէս հարբուխ այն տղոց, որոնք ծաղկաստաններուն մէջ ոչինչ կը զգան։ Որքան դժուար է ձեզ թեւեր ճարել` հետեւելու համար մեր արձակութեան, մեր յաղթանակներուն։

 

-- Ձեր պարտութիւններուն…

 

-- Անոնց ալ ուրիշ է դերը։ Սա պահուս, ես քաղաքականութիւն ընելու տրամադիր չեմ ձեզի հետ։ Ըսի ձեզի, թէ իմ պաշտօնիս քովէն, ես անջատ մտածող մըն եմ։ Նոյն ատեն յաղթական ցեղի մը զաւակը, որ խելքը ունի ձեզ խօսեցնելու, միշտ ի հաշիւ իր մտածումներուն, որոնք կեանքին շուրջը միայն յաղթանակ չեն սահմաներ։ Գովեցիք ձեր ոգին, որ ոճ մը տուաւ անկերպարան բնութեան։ Մտածեցի՞ք նաեւ այն ոճին, զոր մեր ժողովուրդը տուած է իր գրաւած երկիրներուն։ Անշուշտ, Անատոլուն պտտած ատեն, դուք տեսաք այն միւսը, պէյէն, փաշայէն, մոլլայէն ու էֆէնտիէն դուրս միւս երիտասարդը, ըսենք թուխ էրիկմարդը, որ մեր դաշտերուն ու սարահարթներուն տուած է ճիշդ ու ճիշդ իր ոճը, ճարտարապետութիւնը։ Այդ դաշնակութիւնը, որ այնքան մօտիկը կը կենայ ձեր փառաբանածին, ինծի համար ալ խարիսխն է մեր քաղաքակրթութեան, զոր արտաքին փաթաթներ, [243] տարաշխարհիկ պատմուճաններ կը հակադրեն, անիրաւ տեղը, իրարու։ Վայելքներու, զգայնութիւններու [244] տարասեռ սանդուխը մեր ու ձեր հոգիներուն, որոնք նոյն ցօղէն թոյն ու արցունք կը թորեն։ Աւելորդ է իրար բզկտել, իրարու դէմ հանելով մեղադրանքներ, որոնք առաքինութիւններ են ինքնին [245] ։ Բայց այս մտածումներուն մօտենալ ձեր կողմէն սրբապղծութիւն կը նկատուի, քանի որ այս զիջումով պարտաւոր պիտի ըլլայիք մեզ ալ ներս առնել մշակոյթի գօտիներէն, որոնցմէ տարագրուած ենք ձեր միամիտ տգիտութեամբ։ Դուք քաղաքակրթութիւնը այլափոխած էք բոլորովին, զայն պարպելով իրական կեանքի իր պարունակութենէն, եւ մասնաւորած՝ աւերակներու տիրապետութեան մը։ Կը պարծենաք ձեր կործանած քաղաքներու փշուրներովը, որոնց գերգնահատումին ալ մէջը այնքան միամիտ, անխելք եղաք։ Մոռցաք, թէ պարիսպներ, աշտարակներ, հազարով եկեղեցիներ բարձրացուած էին երկրաշարժին լախտին կամ հրդեհին երախին համար, եւ կամ՝ բուերու բարգաւաճ կայսրութեան մը իբր նախաշաւիղ ուրուացում։ Տխուր է այս պարծենկոտութիւնը։ Կ’ուզէ՞ք որ քալեմ աստիճան մը աւելի ցած։ Այսինքն՝ կշիռքի զարնեմ ինչ որ այնքան յոխորտօրէն կը փառաբանէք, ժողովուրդները, բոլորը…

 

-- Դուք ալ։

 

-- Մէջն ըլլալով նաեւ մենք, ըսել կ’ուզեմ՝ ազգերու յաղթանակները։

 

-- Յետո՞յ։

 

-- Ազգերու տիրական, տարբերական առաքինութիւնները։ Մեծ ու փոքր, օժտուած ու անժառանգ դարաւոր ժողովուրդները։ Ասիա՜ն, որմէ գրաւած են իր մեծութեան ստորոգելիները. մոռցած՝ իր ճարտարապետած կայսրութիւնները, ուրացած՝ ներկայ մշակոյթը յարդարող ամուր իր պայքարները։ Ազգերու ստորին ծագումին հեքիաթները։ Կը խորհիմ՝ կարդացած էք նորոյթ Կոպինո ն։

 

-- Դուք ձեզ կը հերքէք։

 

-- Միշտ կ’աճապարէք։ Գուցէ։ Բայց ձեզ ալ չեմ սրբացներ։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է ճակատագիրը ամենամեծ յաղթանակներուն։ Անոնք քիչ անգամ ուրիշ բան եղան, քան թէ քանի մը տող սեւ ճանճեր, սառած, պատմութիւն կոչուող մեծ գիրքի մը էջին։

 

-- Այն ատե՞ն։

 

-- Ըսել կ’ուզէք՝ մեր ատելութիւննե՞րը, ոխե՞րը, անգթութի՞ւնը, անյագութի՞ւնը։ Այո՜։ Ատո՛նք։ Ու ատոնցմէ անդին նաեւ փառքերէ, դերէ, դարաշրջանէ, երկրամասէ, մշակոյթէ ու ոսկեդրուագ ասորութենէ ձայն տուող­առնող։ Ամենոփիս [246] եւ Դարեհ։ Աղեքսանդր ու Կեսար։ Հռովմ ու Բիւզանդիոն։ Քրիստոնէութիւն եւ իսլամութիւն։ Անգլիական կայսրութիւն եւ օսմանեան աշխարհակալութիւն։ Ու ոսկեդարեր։ Ու մեծ, արեւ­արքաներ։ Ու արուեստով գունաւոր ինքնահաճութիւններ։ Ու գիտութեամբ զրահուած հպարտութիւններ։ Ու բանակներ ու գերութիւններ։ Ու շրջաններ։ Կարելի է դարերը այսպէս բառերու, մէկ­երկու վանկնոց չոր ճանճերու վերածել։ Իրականին մէջ, բառեր, բոլորը, տղա՜ս։ Որոնք պիտի բաշխեն ճակատագիրը իրենց տաղաւարած խորհուրդներուն, դարէ դար տժգունելով, վերածուելու համար անսկիզբ այն փոշիին, որ կեանքին ալիւրն է` ցանուած հողերու երեսին։ Այդ բառերէն շատեր այսօր անդարձ սրբուած են հասարակաց սեղաններէն։ Ասորական մեզի այնքան մօտ մշակոյթը էջ մը հեքիաթ իսկ չէ ձգած։ Ու միւսնե՞րը։ Այսինքն՝ անոնք, որոնք մեզի կապուած կը թուին զօրաւոր զգայութիւններով։ Որոնց կը սպասէ սակայն նոյն նուաստ, եղկելի ճակատագիրը։ Պիտի փտին անոնք իրենք իրենցմէ։ Յետոյ՝ զիրենք հեղինակողներուն մուրճէն փշրուած։ Դուք ուրիշ բան չէք ըրած ձեր պատմութիւնը բզկտելու ձեր մոլուցքին մէջ։ Յետոյ՝ հակառակորդներէն։ Ռուս կայսրութիւնը՝ ինչպէս անգլիականը պիտի տապալին հարազատ ռուսերէ եւ սաքսոններէ։

 

-- Ապշեցուցիչ է այս եռանդը՝ ձեր պատմութիւնը, ձեր փառամոլ ծրագիրները այսքան ճշդութեամբ հերքելու։

 

-- Ապշեցուցիչ է ձեր ալ միամտութիւնը ժխտական այս մտածումներուն հաշիշը այսքան հեշտանքով, այսքան ուղղափառ եռանդով վայելել ուզելու։ Գոնէ կը հաւատա՞ք, որ թուրքերն ալ հաղորդ են կարգ մը զգայութիւններու, որոնց մենաշնորհը չէք զիջիր ուրիշներու, ամէնէն շատ՝ թուրքին։ Կարելի է այս խօսակցութիւնը երկարել հարիւրով էջերու վրայ։ Պիտի չսպառի անոր վշտոտ, եղերական շահեկանութիւնը, երբ զայն վարողներէն մէկը փաշա մըն է, միւսը՝ ծանր պատժապարտ մը, մէկը թուրք մտաւորական, ու միւսը՝ հայ յեղափոխական։ Կը վերջացնեմ անոր այս մասը՝ կանչելով ձեր ուշադրութիւնը պարագայի մըն ալ վրայ։ Խորհած ունի՞ք, ի՜նչ ահաւոր մղձաւանջ է ձեր ջիղերուն վրայ կախուած ինչ որ կը կոչուի թուրք տիրապետութիւն։ Որ մեզի համար անհուն ներշնչում է ու գեղեցկութիւն, վայելք ու հանդէս։ Ու ձեզի՝ անսփոփ, անհանդուրժելի գերութիւն։ Այսպէս է շինուած այս աշխարհը։ Իրաւի եւ սուտի հարց չեմ յուզեր ա՛լ։

 

Հազարապետը լռեց։

 

Կարմրած էր անիկա մինչեւ նուրբ ականջները։ Քրտինքի մօտ բան մը քունքերուն եւ ճակտին։ Որոնց վրայ մեղմ շրջան մը կ’ընէր մետաքս թաշկինակը։ Հոտաւէտ, գեղեցիկ, էգ ու թուրք։ Մաթիկ Մելիքխանեանցը շղարշին մաքուր մարմինը կը դիտէր հիացիկ։

 

Լռութիւնը անոնց զգացուց, որ արեւելեան պատին մեծ ժամացոյց կար, որուն կեդրոնին արաբ մանկիկի մը պատկերը, մանրանկար, տգեղ ու աչքի տեղ երկու յուլունքով։ Կիտուածին փորագրուած այդ նկարիկը ժամացոյցին հոգին ըլլար, վասնզի երկվայրկեանները զարկած ատեն կը ցնցուէր իր սիրտէն։

 

Երկուքն ալ զգացի՞ն այդ սրտազարկը։ Բայց երկուքին ալ նայուածքը րոպէաբար իջաւ Սողոմին ու բարձրահասակ ընկերոջ, որ, ձեռքը ծնօտին, խոր յոգնութեամբ ու անձուկով կը թուէր հետեւիլ անհասկնալի բարբառին ու կը տառապէր իրեն համար նոր վախերով։

 

-- Շատ հեռացայ իմ հարցումներուս իրական շրջանակէն։ Ռուսերը խօսիլը կը նմանցնեն խմելուն։ Մարդ կը սկսի երկու բաժակի որոշումով ու չի գիտեր, թէ ուր կ’երթայ։ Մնաց որ, այսպէս շեղումներ, փախուստներ անհրաժեշտ են։ Ոստիկանութիւնը իբր զբաղում տխուր արհեստ է, պարոն յեղափոխական, նոյնիսկ մեր ուժերու մասնակի պայմաններու շահեկանութենէն ալ դուրս։ Մտածողական այս մարզանքները ինծի սիրելի ժամանցներ էին, Գերմանիա, ռուսերու հետ, որոնց երիտասարդութիւնը իր բորբ եռանդովը վախ ու ձգողութիւն կ’ազդէր ինծի։ Անցողակի յիշեմ, որ անոնք, այդ նոր գաղափարներուն ամէնէն հաւատաւոր առաքեալները, սա մեր հին աշխարհը նորոգել կրնալու համար, շատ մը անհրաժեշտ պահանջներու կարգին, պայման կը դնէին, մասնաւոր յամառութեամբ, ջնջումը հինցած, փոքր, անպէտ ազգերուն։

 

--   Օրինակի համար։

 

-- Իրենց կայսրութեան եզերական [247] բոլոր ցեղերը կը հասկնային այդ տարազին տակ։

 

-- Թուրքե՞րը։

 

-- Անոնք արդէն ինքնաբերաբար կը մեռնէին։ «Հիւանդ մարդը» անոնց դիւանագիտութեան ստեղծումն էր։ Տխուր է անշուշտ յիշել այս բաները։ Բայց կը խոստովանիմ, որ այս խօսակցութիւնը ինծի թելադրող ոգին այդ օրերու հոգեբանութեան մէկ խթանն է իմ մէջ։

 

-- Յուսախա՞բ։

 

-- Գրեթէ։

 

-- Ես ռուս մը չեմ սակայն։

 

-- Ձեր բերանը կ’ըսէ ատիկա։ Մինչդեռ ձեր բոլորին ալ հոգին շինուած է անոնց ձուլարաններուն մէջ։

 

-- Մեր զգացումները պարզ են սակայն հանդէպ ամէնէն հսկայ բռնակալութեան։

 

-- Ու տարօրինակը հոս է ահաւասիկ։ Թուրքիա ծնած ու Եւրոպա ուսում տեսած յեղափոխականները դիւրին է հասկացողութեան մը կանչել ` առնուազն զանոնք ջնջելով։ Ձեզի հետ չկայ հաշտութեան հասարակաց գետին մը։ Չեմ ալ չափազանցեր ձեր նշանակութիւնը։ Կը տարբերիք մերիններէն, ըսել կ’ուզեմ՝ մեր հողերու ծնունդ յեղափոխականներէն, պատրաստութեան, սկզբնական ձուլարանին մարքա յովը։ Ռուս ֆապրիքա ն միայն կու տայ այդ ապրանքներէն, որոնք յեղափոխութիւնը իրենց գոյութեան նշանաբանը կ’ընդունին, իրենց ապրուստին ճամբան։ Անկէ դուրս շնչել մը անկարելի է իրենց։ Այդ է պատճառը, չունինք տարազ մը ձեզի մօտենալու։

 

-- Ձեր ձեռքին տակն է անիկա, փաշա՛։

 

-- Անո՞ւնը։

 

-- Ազատութիւն։

 

-- Ձգեցէք այդ հռետորական բացագանչութիւնը, որ բառ ըլլալէ աւելի՝ բնազդական ճիչ մը կը թուի երբեմն մարդոց շրթներուն վրայ։ Հեքիաթին փիւնիկը՝ զոր կը տեսնեն ու չեն ճանչնար։ Ռուս ոգին դէմ է անոր։

 

-- Մեր խօսակցութեան այս ընթացքը դժնդակ է, փաշա՛։ Առաջին անգամն է, որ պատասխանատու անձի մը կողմէ ինծի կը տրուի դժբախտ պատեհութիւնը մեր Հարցը տեսնելու այսքան այլացած։ Դուք, տարօրինակ հռետորութեամբ մը, մեր շատ պարզ, շատ իրական պահանջը հեռու պահեցիք նոյնիսկ խօսքի բեմին իջնալէ։ Հրեցիք զիս աջ ու ձախ, ըստ ձեր աւանդական քաղաքականութեան, խղդելու համար ազատութեան մեր սրբազան, անտեղիտալի իրաւունքը օդային խորհրդածութեանց հեղեղի մը տակ։

 

-- Կարիք չկայ սկսելու բաներ, որոնք ըսուելու են այսքան բարձր անիրականութեամբ մը։ Տղայական չէ՞ք գտներ ձեր ջանքը թուրք փաշա մը համոզելու մարդկային իրաւունքներու, անմահ, անտեղիտալի սկզբունքներու փայլուն, բայց այնքան ալ առաձիգ, օդային հրթիռին, բառախաղի՜ն։

 

-- Ինչ որ ձեզի համար փցուն բառախաղ կը թուի, մեզի համար մեր գոյութեան գերագոյն տագնապը կը խորհրդանշէ։

 

-- Կեանքի եւ մահուան հարց մը, ինչպէս կ’երդուըննան դպրոցական տղաքը, յեղափոխական արձանագրուելէ յետոյ, ինչպէս կը պոռան ձեր կարմրուկ թերթերը, Փարիզի կամ Լոնտոնի գարեջրատուններուն մէջէն ձեր, յիմարներուդ դրամովը ճարուած դեղին ու թաւշային հաճոյքները մոռցնել տալու համար իրենց մեռած խղճմտանքներուն։ Կենանք, պարոն յեղափոխական, կենանք։ Մնաց որ, քաղաքական խօսակցութիւնը չի վայլեր ձեր ժողովուրդին։

 

-- Թուրքի՞ն։

 

-- Ի ծնէ քաղաքագէտ է անիկա, մի ցաւիք։ Ու մի գտնէք զարմանալի այս վարկածը։ Չի դադրիր անիկա տառապէս ճշմարիտ ըլլալէ։ Երկու դարէ ի վեր մեր բանակներուն տկարութիւնը մենք մեզի համար քիչ վնասի վերածեցինք, մեր դիւանագիտական տուրքերովը։ Կը խորհիմ, թէ կը ծիծաղիք ձեր միտքէն այս յաւակնութեան վրայ։ Բայց քննեցէք խոր ու պիտի համոզուիք։ Կէս միլիոնի մօտ մարդ մաքրեցինք ձեզմէ ու այսօր ջուրին երեսն ենք կրկին։ Պոլսոյ ջուրէն խմող մը ուրիշ կերպ չի կրնար վարել։

 

-- Մենք ալ ունենալու ենք այդ քաղաքէն դիւանագէտ ու ձեզի չափ վարպետ մարդեր։

 

-- Ըսէք սըւոնց «հաստ ու սովորական» ասիացիներ, որոնք իրենց քիթէն անդին անկարող եղան ուղտը տեսնելու։ Մա՛նաւանդ անոնք, որոնք կառավարական շրջանակներու մէջ երես ու վարկ ունեցան։ Պէյերը, փաշաները, վերջին շրջանին, վախով անդամալոյծ, իրենց ամսականին եւ շքանշաններուն պահպանումը հետապնդող, ցուրտ ու ցաւագար այդ մարդիկը խունկ ծխելու գիտութիւնը կ’ուզէին քշել մեզ ի, յեղափոխութիւնը բերանացի դատապարտելով ու ձեռքի տակէ իրենց դիւանագիտական իմաստութիւնը տրամադրելով ըմբոստներուն։ Ասո՞նք, ձեր դիւանագէտները, երբ իրենց փոքրագոյն մտածումն իսկ ծանօթ է մեզի։

 

-- Մեր պատրիա՞րքը։

 

-- Այնքան՝ որքան ձեր կաթողիկոսը։

 

-- Բոլորովին հակադիր մարդեր են։

 

-- Անտաղանդութեան մէջ իրարու հաւասար։

 

-- Զարգացած եկեղեցական կը նկատուի։

 

-- Մարդոց հեքիաթը մարդերէն աւելի կ’արժէ։

 

-- Փիլիսոփայ։

 

-- Տե՛ղը մնան այդ տիտղոսները ու անոնցմով հովանաւոր բրածոյ այդ գիտութիւնները։ Ձեր կաթողիկոսին անպարագիծ տգիտութիւնը իմ աչքին աւելի կշիռ ունի, քան այս սուտ, մուրացածոյ իմաստութիւնը։ Իր գաղափարներուն տարողութիւնը միջակէն ալ վար կը մնայ։ Հակառակ տարօրէն հաստ ու միակտուր մտածելուն, ինքզինքը վայրկեանին մարդը կը յաւակնի։ Անհունապէս փոքր է, քան ժամանակին պահանջած տիպարը։ Իմ կարծիքովս, անոր տեղը Մխիթարեան վանքերէն մէկուն մէջ պէտք է ըլլար, եւ ոչ հոս։

 

-- Բայց, ամէնէն աշխարհիկն է ցարդ, Պոլսոյ պատրիարքներուն մէջ։

 

-- Կարելի է կը շփոթէք բառը։ Պոլիսը տուած է մեծ դէմքեր այդ աթոռին։ Անոնց մօտ ասիկա շինծո՛ւ մարդ մը։ Հակառակ եւրոպական լեզուներ խօսելուն, միտքը կը ներկայացնէ անասելի դատարկութիւն մը։

 

-- Ի՞նչ բանէ։

 

-- Իր դերին, պաշտօնին հասկացողութենէն։ Դիրք ու արձանագրութեան տոմար, այդ միտքը, եւ ոչ ուրիշ բան։

 

-- Բայց մեր սալոնի պատրիարքն է ան։

 

-- Արեւմտեան կարտինալներէն իր մէջ մթերուած ծեքծեքումն է պատճառը այդ համբաւին։

 

-- Պալատին մէջ իր վա՞րկը։

 

-- Արդիւնք՝ ժամանակներուն։ Մեզի համար գործակատար մը, որ աչալուրջ կը հսկէ գոնէ Պոլիսին։

 

-- Այդքա՞ն։

 

-- Ինք այդ հաւաստիքը կու տայ մեզի ու կը կարծէ, թէ կը գնահատուի այդ հաւատարմութեան համար ։ Ինք կը կարծէ, թէ սիրուած է պալատէն, ու չի փնտռեր զսպանակները իր վարկին։ Խորամանկութիւնը բայց գէշը [248] ասիական կերպերը կը շփոթէ խորունկութեան եւ կարտինալութեան տուրքերուն հետ։

 

-- Ազգը զայն ուրիշ կը դատէ։

 

-- Ինչպէս իր սովորութիւնն է, ամէն բանի համար։

 

-- Կը տեսնուի՞ք այս նիւթերուն շուրջը։

 

-- Յաճախ։ Ու չ’ըմբռներ, թէ ճիզուիթական իր կերպերը չեն հասնիր մեզի։ Բայց ատկէ աւելի ցաւալին, չէ հասկցած իր ժողովուրդը։

 

-- Իր ժողովո՞ւրդը։

 

-- Ինչո՞ւ կը զարմանաք։

 

-- Բայց անիկա համբաւը ունի մեր մեծագոյն մտաւորականներէն մէկը ըլլալու։

 

-- Շինողը՝ դուք։

 

-- Մեր նորագոյն, մեծ պատմիչը։

 

-- Անծանօթ են ինծի այդ տաղանդները։

 

-- Համադրող միտք։

 

-- Կրնայ անուններ դասաւորել։ Դիտած եմ ատիկա իր մօտ։ Բայց դիտած եմ նաեւ միւսն ալ՝ անհաղորդութի՛ւնը՝ անուններով սեւեռուած խորհուրդին։ Վասնզի նոյն բանը չեն անուններ շարելը, նմանութիւնները գտնելը եւ այդ անուններուն թաքուն զօրութիւնը, թելադրանքը հասկնալը։ Այս անհասկացողութիւնը, սխալը ընթացիկ է շատ մը համադրական աշխատողներու մօտ։ Դէպքերը շարակարգելը, ցուցակներ կազմելը, թուականները ճշդելը տոմարակալական ձիրք մըն է ու քիչ անգամ ուրիշ բան։ Այդ մեքենական, դիւանական աշխատանքներէն վերջն է, որ կը սկսի տաղանդը։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Այս հում նիւթերէն անդին կը սկսի պատմողին, համադրողին   --եթէ իսկապէս տէրն է մէկը այդ տիտղոսներուն--    թանկագին հանճարը, որ ժամանակին փոշիովը մթնցած հեռու, սառած շրջանները պիտի լուսաւորէ, ոգեղինէ` իր իսկ արիւնէն հանելով անհրաժեշտ բոցը, այդ խաւարը ծակելու ու անոր ծոցը ճամբայ բանալու։ Վասնզի դէպքերը հող են, դիակը ծածկող։ Ես օտար մըն եմ ձեր պատմութեան, բայց նոր օրերու ձեր զարգացած եկեղեցականներէն շատ աւելի դիւրաւ կը հասկնամ ձեր մեծ հայրապետները, կաթողիկոսները, որոնք ձեր բոլորին համար յատուկ անուններ են։ Ատոնց գործունէութիւնը տարածուեր է իրենց ժամանակին վրայ ու ձեր քրոնիկները հազիւ յաջողած են այդ գործունէութեան արձագանգը սեւեռելու իրենց տժգոյն էջերուն։ Սրբացուցած էք զանոնք, վնասելով անոնց ազդեցութեան, վասնզի անոնց շնորհները հեռացուցած էք մարդկայինէն։ Մինչդեռ անոնք բոլորն ալ սիրտով, հոգիով մեծ մարդեր են, որոնք իրենց ժողովուրդին խորագոյն ալքերը թափանցում ունեցան։ Այս տեսնելու ձեւը յատուկ չէ միայն ձեր եկեղեցականներուն։ Արեւելքի միսթիքները ուսումնասիրած եմ խնամքով։ Ու ձեր հայրապետները այդ մարդոց գիծէն մեծութիւններ են։ Ձգելով Արեւելքը, Էջմիածինը, Պարսկաստանը, ուր այդ հոյակապ մարդերը քանի՜­քանի՜ հեղ իրենց հեղինակութեամբը ձեր վրայ խուժող աղէտները շեղեցին ձեզմէ, Պոլսոյ մէջ ալ եղան մեծազօր պատրիարքներ, որոնք առանց Հռովմէն գալու, ձեր ժողովուրդը պահպանեցին այնքան դժուարին կացութիւններու մէջ, եւրոպական դեսպաններուն էնթրիկ ներն ու ազդմունքները ճարտարօրէն հեռացնելով իրենց հօտին վրայէն։ Այժմու պատրիարքը այդ մարդոց անունները չի ձգեր բերնէն, բայց անմասն է անոնց հոգեկան ուժերէն։ Մեծ է կրօնականը, երբ խոր ու լայն կը զգայ, մա՛նաւանդ կը հաւատայ։ Ձեր պատրիարքը նախ իր դերին չի հաւատար։ Չ’արժեր աւելի զբաղիլ իրմով։ Պզտիկ մարդ մը, մեծ աթոռի մը ստուերին մէջը։ Որ քաղաքականութիւն կը խաղայ ու կարտինալական իսկապէս արեւմտեան առաքինութիւններ կ’ուզէ փոխադրել ձեր եկեղեցիին խորապէս արեւելեան ու ժողովրդական յօրինուածութեան մէջ։ Կաթոլիկն է, շուրջառը փոխած, այսինքն կրօնքը՝ քաղաքական զէնքի հետ շփոթող պրոպականտայի չսրբագրուած ուսանողը։

 

-- Յայտնի է, թէ նեղուած էք իրմէ։

 

-- Չափազանց, մա՛նաւանդ երբ դիւանագէտ է, այսինքն՝ բառով կը խաղայ։

 

-- Պոլսեցի է։

 

-- Մեզի՞ պէս։

 

-- Դուք կ’ըսէք։

 

-- Չի կասկածիր, թէ Գերմանիա ըրած զինուորական մը մոռցած բաներ կ’ունենայ այդ Արեւելքէն։ Հոյակապ են կեղծիքի իր ռազմափորձերը։ Անգլիական նաւատորմը՝ շարժման մէջ դրուած, համոզելու համար մեզ իր հօտին հաւատարմական զգացումներուն վրայ։ Ու չի մտածեր, թէ նոր փաշաներ տարիներով աշխատած չեն օտար համալսարաններու մէջ, որպէսզի այդ քիչիկ բանն ալ չկրնան զանազանել, սուտը իրաւէն։ Վերջապէս աղօթքով, մաղթանքով, թէմէննահ ով, ածականներով խաբուիլ սորվելու չգացինք Գերմանիա։ Անկարելի է հետը լուրջ, առնուազն գործնական ըլլալ։ Կը խաբենք զինքը, իր բառերը իրեն դարձնելով, քիչ մը ներկելէ ետքը։ Ու տխուրը հոն է, որ գիտնալով կը խաղայ մեզի ու ձեզի հետ այս անվայել խաղը։

 

-- Դադրեցուց ջարդերը։

 

-- Ի՞նք։

 

Հազարապետը տրտում նայուածքով մը սեւեռեց երիտասարդը։ Այնքան արգահատող զիջում կար այդ ակնարկին մէջ, որ Մաթիկին տժգոյն դէմքը քիչիկ մը կարմրեցաւ։

 

-- Ձեր յեղափոխականները ուրիշ կերպ կը դատեն զայն։

 

-- Տեսա՞ծ էք անոնցմէ։

 

-- Քի՛չ։ Ժընեւ, Փարիզ։ Չհասկցան։

 

-- Ի՛նչ բան։

 

-- Թէ իրենց միջոցներով աղէտին կը վազէին։

 

-- Անոնք զինուորներն են աղէտին։

 

-- Իրենց հաշւո՞յն։

 

-- Ոչ մէկ ատեն վախցան մահէն։

 

-- Բայց իրենց մարմինները շոգենաւ նետեցին` իրենց ոտքերով կոխելով արիւնը իրենց եղբայրներուն, տագնապի օրերուն, նաւամատոյց հասնելու համար։ Մահէն չվախնալը չի բաւեր։ Անկէ խուսափիլն ալ տաղանդ չէ։ Զայն բռնի չկանչե՛լը ահա իմաստութիւնը։ Գիտէին, թէ իրենց ցոյցերը արիւնի պիտի յանգէին, բայց կը հաւատային, թէ այդ արիւնը պիտի ծառայէր աղմուկի։ Միամիտ ու անտանելի երազատեսներ էին, մա՛նաւանդ Դէպքերէն առաջ։ Այն ատեն ես աւելի երիտասարդ ու քիչ վարժ՝ կը վիճաբանէի հետերնին։ Չկրցան հասկնալ, թէ Պոլսէն ղրկուած մէկն էի, իրենց մէջ երկպառակութիւն ցանելու պաշտօնով, զոր գործադրեցի յաջողութեամբ։ Չկայ դասակարգ մը այնքան դիւրախաբ, որքան այդ Փարիզի, Լոնտոնի մեծամիտ միամիտները, որոնք լրագրի ամբաստանութիւններով իրենց յեղափոխական եռանդը կը վատնեն ու ցեղային անհասկացողութեան նոյն փաստը կու տան մեզի` պահանջելով բաներ, որոնց իրաւունքը չունին։

 

-- Կա՞յ աւելի սրբազան իրաւունք մը, քան ազատութեան պահանջը, փաշա՛։

 

-- Բայց ո՞վ է հակառակ նման պահանջի մը օրինաւորութեան։

 

-- Ուրե՞մն։

 

-- Ուրե՜մն։ Պահանջէն յետոյ կը սկսի բուն հարցը։ Ո՞վ է ձեր ազատութիւնը ձեզմէ գրաւողը։ Անունը կ’ուզեմ այդ ժողովուրդին։ Մե՞նք՝ թէ յոյները, արաբները, թաթարները։ Գացէք անոնցմէ պահանջելու։ Ըսի ու կը կրկնեմ. մենք մեղք չունինք ձեր գերութեան հիմնապատճառին մէջ։ Օտարները մեղադրելէ աւելի ինչո՞ւ չէք ծանրանար ձեր վրայ։ Մենք ձեզ գտանք մարդկօրէն անորակելի թշուառութեան մը մէջ։ Դուրսի աչքով քննա՞ծ էք ձեր գեղերը, քաղաքները, երբ թաթարական հեղեղին մէջ դուք ապրեցաք տառական գերութիւնը այդ դարերուն։ Մեր շուքին մէջ ձեր այդ գերութիւնը փոխեց իր նկարագիրը։ Տուինք ձեզի վարչական դիմագիծ, իրաւունքը ապրելու եւ աճելու։ Պաշտպանեցինք ձեզ մեր իսկ բռնակալներուն դէմ։ Հիմա, հետեւելով ուրիշներու, յաւակնութիւններ կը բանաձեւէք, առանց միջոցներուն վրայ ազգովին ալ համաձայնութեան գալու։ Աւելի՛ն. ձեզի թշնամի ըրիք այն ժողովուրդը, որուն հետ խաղաղ դրացնութեան մը հեռանկարը պարտաւոր էիք քիչ­քիչ յարդարել։ Ըրիք հակառակը։ Բայց կը դառնանք­կը դառնանք` իյնալու համար նոյն անելին մէջ։ Պարոն յեղափոխական, մեր խօսակցութեան տեսական մասը կը յայտարարեմ աւարտած։ Ոստիկանութեան պաշտօնեայ մը քաղաքական վիճաբանութիւն արտօնուած չէ ընելու։ Այս զիջումը՝ աւելորդ անգամ մըն ալ ապացուցուց, թէ հասկացողութիւն, հաշտութիւն անկարելի ցնորքներ են մարդոց միջեւ, որոնք այսքան խորունկ անջրպետներով բաժնուած են իրարմէ, ինչպէս ենք մենք, դուք ու ես, սա պահուն, էինք՝ ես ու անոնք, Ժընեւի մէջ, այն օրերուն։

 

-- Հարցում մը սակայն։ Ի՞նչ էր պատճառը մեր այս տեսակցութեան։ Այս րոպէին անիկա մութ է ինծի համար։

 

-- Հաւանական է։ Խօսակցութեան ընթացքին արտայայտուած գաղափարները կը խանգարեն ձեր մէջ արմատացած մտքի սիսթեմներ, որոնք շինած էք եսասէր փոյթով ու կարճ տարողութեամբ։ Այդ է պատճառը, որ այս տեսակցութեան իմաստը վրիպի ձեզմէ։ Թուրքը պէտք չէ խօսի, վիճաբանի, մտածէ։ Այս շնորհները հայերունն են։ Թուրքը պէտք է ջարդէ։ Ու ձեր շուարումը առաջ կու գայ այս քլիշէ էն։

 

-- Քլիշէ ՜։

 

-- Այո, տղա՛ս, այո։ Հարիւր անգամ այո։ Վասնզի, ինչպէս ըսի քիչ առաջ, թուրքը համբակ է այդ արհեստին մէջ։

 

-- Մտածելո՞ւ։

 

-- Ո՛չ, ջարդելու։ Թուրքը ո՛չ միայն համբակ է, այլեւ՝ հետեւակ։ Ձեզմէ սորվեցաւ անիկա գերիներ ջարդելը։ Յիշեցէք խաչակրութիւնները։

 

-- Շատ վար իջաք։

 

-- Շատ վեր ելլենք։ Այսօ՜ր։ Գիտէ՞ք, թէ ինչ տաղանդով Կլատըսթոնի Անգլիան կը ջարդէ իր հպատակները, յաղթահարած ցեղերը Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Բայց գիտական այդ ջարդը աւելի մեղմ կը հնչէ աշխարհին ականջին։

 

-- Երանելի է ձեր լաւատեսութիւնը, փաշա՛։

 

-- Հարկաւ մեր մեթոտներն ալ կը նրբանան քանի մը տասնեակ տարիէն ու մենք ալ եաթաղանին տեղ կը գործածենք ճերմակ զէնքերը։ Երկաթ ցանցերու մէջ կին, տղայ, ծեր ոչխարի պէս մակաղել տալու հովուերգական արուեստը։ Այն ատեն, մենք ալ քաղաքակիրթ տիտղոսները փառքով պիտի դիմաւորենք։

 

-- Տարբեր թուրք մը կը պատրաստուի ուրեմն։

 

-- Ի հարկէ։ Ուսում առած թուրքը ուրիշ ձեւ չի մտածեր։ Եւրոպայի մտածումներուն, մա՛նաւանդ անոնցմէ որդեգրուած ջարդին էութեան։ Պատմութիւնը կեցած է մեր ետին։ Հինգ դար առաջ, երբ մեր բանակները կ’աւլէին թշնամի ժողովուրդները, այդ Եւրոպան, անոր ըրածին նման, նոյն բառերով մեզ կը դատէր։ Բայց Պապերու քարոզչութիւնները արգելք չեղան, որ Գաղղիոյ [249] մէկ վեհապետը զինակցի մեզի։ Չեմ գիտեր, պիտի գտնուի՞ն ձեր մէջ մարդեր, ատենին հասկնալու չափ նրբամիտ մեր՝ թուրքերուս, մտայնութեան սա նոր շրջափոխութիւնը։ Վասնզի կանխող դէպքերու ատեն մեր ժողովուրդը ամէն տեղ խնայեց կիներուն ու տղոց։ Նորերը, աւելի կարծր, այսինքն՝ աւելի հայրենասէր ու արմատական, պիտի արհամարհեն այդ կարգի նրբութիւնները։ Զգացումը, ուրիշներու մօտ դիտուածին պէս, քիչ­քիչ դուրս կը ձգուի մեր պետական շրջանակներէն։ Բաւ՝ վնասնե՛րը, որոնք մեզ տկարացուցին մեր բնաւորութեան այդ միամիտ ու նախնական շեղումներովը։ Ատոնք բոլորը արգելքներ են թուրք դատին, որ մեր գերագոյն կրօնքն է հիմա։ Ու անողոք կրունկներով պիտի ճզմուին այդ դատին բոլոր թշնամիները։

 

-- Ռուսն ալ ի հարկէ։

 

-- Գէթ մեր երազն է ատիկա։ Երկու աշխարհներու մէջտեղ, երկու կողերէն անոր ենթարկուած ճնշումը հարկաւ արդիւնքի մը պիտի տանի իր թերի դաստիարակուած, ներսէն բաժան­բաժան երիտասարդութիւնը։ Թուրք դատին մեծ թշնամիներէն առաջ, մա՛նաւանդ անոր փոքր թշնամիները, այսինքն՝ ի մասնաւորի հայերը։ Ցոյց տուի՞, տուած եղա՞յ արդեօք թաքուն ծալքը սա հարցին, որ տարիներէ ի վեր կը քաշքշուի աշխարհի մամուլին մէջ ու ստեղծած է այնքան նանիր ու սանթիմանթալ գրականութիւն ձեզի՝ ինչպէս դժբախտութիւններ շահագործող եղերամայր խմբակին, մայրաքաղաքներու դիւանագէտներէն ու միսիոնարներու կեղծաւոր համակրանքէն թեւաւոր։

 

-- Այդքան արհամարհո՞տ։

 

-- Տեղն է կրկնել, բայց այս անգամ ձեզի, այդքան անխե՞լք։ Ի՞նչ կ’ուզէիք ուրեմն։ Պիտի սպասէիք, որ ամերիկեան պառաւ օրիորդները կամաւորներու գլուխն անցած Հայաստա՞ն վազէին։ Չէ, տղա՛ս։ Եթէ ձեր ժողովուրդը, հատ մը չթողելու պայմանով, բնաջինջ ընէինք, ու ընենք ատիկա ամէնէն վայրագ ձեւերով, ոչ ոք տեղէն պիտի շարժի։ Մեր վախը ռուսէն է։ Ու ձեր բախտէն, այս անգամ զայն ունինք մեզի հետ ձեզի դէմ։ Ասկէ անդի՞ն։ Մեր ըմբռնումէն վեր է ձեր սխալին աստիճանը, երբ յեղափոխականներդ, մա՛նաւանդ ձեր մորթին վրայ, փորձն ալ զգացած էք ռուսական գնդակներուն, որոնք ձեզ երկու կրակի մէջ առին, կ’առնեն, պիտի առնեն։ Ասկէ դուրս, ունինք հինգ մեծկակ դարեր։ Եւրոպայի հետ մեր դարաւոր մենամարտը, հոգ չէ թէ իբր յիշատակ, անշուշտ կ’արժէ այնքան մը բան, որքան ձեր եկեղեցական պատուիրակութիւններուն շքեղ մօրուքները։ Դո՞ւք։ Ի՞նչ ունիք, ունեցաք։ Ոչինչ գրեթէ, եթէ թիւերը բան մը կ’ըսեն։ Երեք անգամ հինգ դարերու անկնճիռ գերութիւն։ Ուրի՞շ։ Զէնքէն օտար առաքինութիւններ։ Կ՚ ընդունիմ։ Զօրավարի փոխարէն, ձեր գերութեան մէջ, պիտի գտնէք պատկառելի ծերունիներ, ձեր կաթողիկոսներն ու հայրապետները, ներկայէն տարբեր խմորով ու հոգիով, որոնք ձեզի սորվեցուցին քաղցր գիտութիւնը, գոնէ գոց աչքով մեռնելու, զայն երկինքին մէջ անվախճան երջանկութեան վրայ բանալու հաւատքով։ Իրար չենք հասկնար։ Ու լաւ է կենալ։

 

Հազարապետը կը խօսէր յոգնած։ Ու դէմքին վրայ անհանգիստ, անտրամադիր բան մը աւելի կը շեշտէր այդ տրտում զգայութիւնը իր ձայնէն դէպի երիտասարդը։

 

-- Պատասխանելէ առաջ նոր հարցումներուս, լաւ կ’ընէք ամփոփուելով քիչ մը։

 

-- Հարցաքննութի՞ւն։

 

-- Ինչպէս որ կ’ուզէք։ Դառնանք մեր դերերուն։ Ատկէ առաջ, ձեզի թելադրութիւն մը, կարճ ու վճռական։ Յաջորդող րոպէները բախտորոշ են։ Ու դուք ձեր ձեռքը ունիք ձեր ճակատագիրը։

 

-- Ի՞նչ կ’ուզէք ըսել։

 

-- Քիչ ու շատ բան։

 

Յետոյ՝ ճակատը սրբեց մետաքս իր թաշկինակովը։ Ժամացոյցը գրեթէ կ’որոտար։ Արծաթէ սիկարնիկէ մը հրամցուց սիկար մը Մաթիկին, քիչ մը նեղուած՝ զիջումէն։

 

Միւսը մերժեց։ Չէր ծխեր։

 

-- Ուրե՞մն։

 

-- Այո։

 

-- Ձեզմէ կ’ուզեմ անունները անոնց, որոնց հետ գործ ունեցաք, մինչեւ հոս գալը։

 

-- Ընելու չէիք այդ պահանջը։

 

-- Պատճա՞ռ։

 

-- Պատասխանիս պարզութիւնը ծանօթ ըլլալու էր ձեզի առաջուց։ Տղայ մը չեմ ես, ոչ ալ մահէն վախցող մը։

 

-- Ինչպէս միւսները։

 

-- Ինչպէս բոլորը։

 

-- Այն ատեն մեր խօսակցութիւնը ոչինչ չէ փոխած ձեզմէ։

 

-- Կը զարմանամ ձեր սպասելուն։

 

-- Թէ բան կը փոխուի յեղափոխականին մէջ։

 

-- Դուք կ’ըսէք։

 

-- Այն ատեն դուք ձեր սկզբունքներուն կը դաւէք։

 

-- Չեմ հասկնար։

 

-- Գրեթէ յիմար էք, երբ կը կարծէք լռելով ծառայել ձեր ժողովուրդին։ Մեզ կը հարկադրէք մէկի տեղ տասը, հարիւրը ենթարկել պատուհասումի։

 

-- Մենէ դուրս է ձեր գործելու այս ձեւը։

 

-- Ատիկա ըսելն ալ բան չի փոխեր ձեր ճակատագրէն։

 

-- Ա՛լ [250] ինչու՞ ուրեմն երկարաձգումը այս ամէնուն։

 

-- Ունեցա՞ք բաժին այդ տղուն ոճիրին մէջ։

 

-- Ի հարկէ ոչ։ Յեղափոխութիւնը ի՞նչ գործ ունի անիմաստ սպանութեանց հետ։

 

-- Սպաննուողը պետութեան հաւատարիմ մարդ կը նկատուի։

 

-- Այս մարզերուն վրայ ո՞վ հակառակ է ձեզի։ Մնաց որ, սպաննողը, եթէ երբեք ան է իրօք, մանուկ է ուղեղով։

 

-- Դուք ձեր ահաբեկիչները կ’ախորժիք ընտրել այդ մատաղ ուղեղներէն։

 

-- Այս գիւղերը յեղափոխութենէն այնքան կը հասկնան, որքան ձեր ագարակները ձեր գաղափարներէն։

 

-- Կը հասկնան սակայն։

 

-- Երբ ջարդեն կամ ջարդուին։ Անտեղի է, փաշա՛, մեր խօսակցութիւնը շեղել դէպի տաճկական դատավարութիւնը։ Բաներ կան, որ ըսուելու չեն։ Կենանք։

 

-- Կենա՜լ։ Գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կենալ։

 

-- Քիչ մը։

 

-- Ոչ քիչ։ Կ’ուզեմ գիտնաք աւելի։ Անշուշտ դժնդակ է առաջարկս. դուք պիտի ըսէք՝ տաճկական, բայց պարտաւոր եմ ընել զայն, նախ՝ խղճիս, յետոյ՝ ձեր ալ կեանքին համար, փակելէ առաջ ազատութեան դուռները ձեր երեսին։ Կը մտածեմ, թէ համոզուած էք բանտին ու անոր անխուսափելի իրականութեան, հիմա՝ որ լեռներ ու գիւղեր չունիք ձեր ետին։ Ու կը մտնէք ձեր վերջնական լրջութեան։ Ահա իմ առաքելութեանս վերջնական հանգրուանը։ Ունիք ձեր առջին երկու ճամբայ, առաջինը՝ ըսել ամէն բան։ Անշուշտ, ամէն չարագործի վիճակուող բախտ մը չէ ասիկա։ Բայց ես անձնապէս պատասխանատու եմ իմ քայլիս։ Ըսել ամէն բան, նոյնիսկ ձեր շատ սիրած այդ ժողովուրդին շահուն, ու անցնիլ մեր շարքերուն։

 

-- Որո՞նք այդ ձեր շարքերը։

 

-- Մարդեր, հայ ալ, թուրք ալ, որոնք ողջմտութիւնը, հաշիւը, անցեալին դասերը կարող են գնահատել ու ձեզ կը սիրեն ու կը պայքարին ձեզ մոլորեցնողներուն դէմ։

 

-- Ըսել կ’ուզէք դահիճներն ու մատնիչնե՞րը։

 

-- Մարդասէրներն ու ազգասէրները։ Հայ կամ թուրք՝ [251] անոնք կը խորհին ձեզմէ շատ տարբեր փաստերու վրայ։ Ու անոնց կարծիքով ամէնէն բարբարոս մարդը, որ գութի ու սրտազեղման րոպէները ունի իր մէջ, ու ան միւսը, այսինքն՝ ամէնէն աղտոտ դաւաճանը, որ հարիւրներ փրկելու համար տասը կը զոհէ, ատոնք աւելի օգտակար են ժողովուրդներուն, քան ամէնէն եռանդուն, անբասիր համբաւով յեղափոխականը, որուն հետքերէն մահը կը քալէ ու կը քալէ ուրիշներու հաշւոյն։

 

-- Բարոյականն ալ կը թրքանայ, ուրեմն, փաշա՛։

 

-- Կրնաք հեգնել [252], թէեւ սրամտութեան յարմար հարցի մը մէջ չենք հիմա։ Բայց բան չէք փոխեր ձեր ու միւսներուն կացութենէն։ Վասնզի անցած են այն ժամանակները, երբ աղ ու հացով ծնրադրութիւն մը պարտուած ժողովուրդ մը երբեմն կը փրկէր բնաջնջումէ։ Մեզի համար պայծառ է մեր ուղեգիծը։ Ըսի արդէն, որ անձնապէս փափաքող մըն եմ ձեր ախտավարակ ներկայութեան ձեր ժողովուրդին ծոցը։ Ու չեմ ալ վախնար քաղաքական բարդութիւններէն, որոնք ձեր գերագոյն յոյսը կը կազմեն։ Դուք հաստատ ու վճռական քայլերով ձեր ցեղը կը մղէք դէպի կործանում։ Լաւ, շա՛տ լաւ նոյնիսկ։ Մենք շատոնց վերցուցինք ձեռնոցը ու արդիւնքը մէջտեղն է։ Այս մտածումներուն ցուրտ շնականութիւնը գոնէ սա րոպէին մատչելի դառնար ձեզի։ Բայց դուք, ազնուութեան ու բարութեան առաքեալ, մենատիրած էք բարոյականին, որ չի կրնար թրքանալ։ Ատիկա չենք ալ ուզեր։ Կը ձգենք ձեզի, ձեր սիրական ռուսերուն, որոնց պաշտպանութեամբը ջարդուեցաք։ Կը ձգենք եւրոպացիներուն, որոնց շահին չծառայելը դաւաճանութիւն է, պարոն յեղափոխական։ Ձեր գիրքերէն մէկը տեղ մը կ’ըսէ, որքան կը յիշեմ, թէ կործանուելիք տունի մը նախ խելքը կը խախտի։ Ու ճիշդ է ասիկա։ Մեր բոլոր անկեղծութիւնը բաւ պիտի չգար [253] Անգլիոյ սուտ մէկ [254] սանդին մէջ ջուր ծեծելն է, որ կ’ընեմ։ Ասկէ յետոյ, ձեր գլուխը կրել կրնալու իրաւունքը ձեզ պիտի տանք միայն մէկ գնով, մեզի հաւատարմօրէն ծառայելու գնով։ Հարիւր տարի առաջ ձեր պատրիարքները մշակած են այդ քաղաքականութիւնը, որուն արդիւնքը այնքան բարեբաստ եղաւ ձեզի համար։ Մուրացկան ու անկշիռ զանգուածէն մէջտեղ ելաւ Պոլսոյ ազդեցիկ ու վաճառական ու պաշտօնեայ հայութիւնը։ Սո՞ւտ։

 

-- Հարիւր տարի առաջ, մեզ բերած ըլլայիք՝ առաջարկը մեր եկեղեցին ձգելու ու մզկիթ մտնելու։

 

-- Իմ ըսածս կը հաստատէք, քանի որ չըրինք։

 

-- Հիմա՞։

 

-- Հիմա՜։ Խորքով նոյնն է հարցը։ Ձեզ մզկիթ չենք կանչեր։ Բայց կը ստիպենք կենալ փարախը հաւատարմութեան։

 

-- Մատնելով։

 

-- Օգնելով մեզի, որպէսզի աւելի արդար, աւելի օգտակար գաղափարներ արմատ առնեն ձեզմէ ներս։ Ի՜նչ տարօրինակ տրամաբանութիւն է ձերինը։ Մենք ալ կ’ուզենք գրաւել Ռուսաստանը, Պարսկաստանը, Միջին Ասիան ու ստեղծել մեր նախնիքներէն երազուած Ասիոյ միահեծան տիրապետութիւնը։ Ու կ’ուզենք ջերմութեամբ։ Բայց գիտենք, թէ անցան այդ օրերը։ Փոխադրեցէք մեր այս ռոմանթիզմը ձեր մէջ։ Կռիւը, որուն էութիւնը ձեզի համար աղմուկ ու շփոթութիւն առաջ բերելն է միայն, ձեզի կործանում կը բերէ։ Ասիկա յստակ է չափազանց։

 

-- Բայց մեր զոհողութիւննե՜րը։ Մեր հոյակապ սերունդը, որուն հանդէպ այդքան արհամարհոտ լեզու մը չէիք գործածեր։

 

-- Սասունի լեռներուն մէ՞ջ։

 

-- Դուք կ’ըսէք։

 

-- Ուր երթալու պէտքը չէինք զգար երբեք, քանի որ երկու զապթիէ եւ չորս քուրդ [255] կը բաւեն ձեր հոյակապ սերունդին հոյակապ նահանջները կատուի եւ մուկի խաղի մը նման դիմացէն ղեկավարելու։ Կ’աղաչեմ, որ չխաղաք բառերու վրայ։ Մի խօսիք օրակարգ անցած յիմարութիւններ իմ առջեւ։ Ձեր կորուստները բոլորովին տարբեր բան կը նշանակեն, վատութիւն, անխելքութիւն, բայց երբեք զոհողութիւն։ Ջարդուողները իրենց տուներուն մէջ գառնուկի պէս մեռան։ Հիմա չեմ դատեր ձեր յեղափոխութիւնը իբր պայքարի կազմակերպութիւն, բայց բան մը յստակ է արդէն։ Ձեր ժողովուրդին արիւնովը պայմանաւոր է այդ յիմար կռիւը, որուն ելքը տարակոյսէ դուրս է մեզի համար։ Կործանումի ամէնէն ծանր րոպէին իսկ մենք պիտի չմոռնանք մաքրել ձեր հաշիւը։ Ասիկա ազգային ուխտ է ա՛լ մեզի։ Կռիւը ձեր ժողովուրդը կ’արժէ ձեզի, մեզի՝ քանի մը ածական։

 

-- Ուրիշներուն ուրիշ բան արժեց։

 

-- Սխալ էք կարդացած։ Ուրիշները, շահելու յոյսով չէ, որ կռուեցան։ Չկռուեցան արդէն, ինչպէս կը հասկնան բանակները այդ բառը։ Անոնք աւարին մաս առնելու կանչուեցան։ Բայց ձեզի համար տարբեր պայմաններ կ’իշխեն։ Դուք պարտաւոր էք կռուիլ։ Ու կռուիլ՝ առանձին, չորս ճակատի վրայ։ Թուրքը այդ ճակատներուն հեռագոյնը նկատեցէք։ Վախցէք աւելի մօտերէն։ Վախցէք ռուսէն, որ ձեր հոգիին դէմ իր ոտնձգութիւնները պիտի ամրացնէ մարմինին ալ վրայ իր նոր դաւերովը։ Մի մոռնաք քուրդը [256], որ ձեզ կ’ատէ, մենէ աւելի, հիմա, քանի որ զէնք կը քաշէք իրեն դէմ։ Բայց վախցէք մա՛նաւանդ հայէն։

 

-- Հայէ՞ն։

 

-- Անշո՛ւշտ։ Ու պարտաւոր էք աւելի լուրջ վարուիլ ձեր այդ թշնամիին հետը, որ արթնցած է ա՛լ։

 

-- Ու կը ծառայէ ձե՞ր շարքերուն։

 

-- Սպասելով, որ ձեզմով ներարկուած թոյնը թափի դուրս իր երակներէն։

 

-- Մեր ժողովուրդը յաղթեր է շատ մը բաներու։

 

-- Թերեւս չորս ազգերու։

 

-- Յաղթեր է մահուան։

 

-- Ատիկա հռետորական բացատրութիւն մըն է եւ ուրիշ ոչինչ։ Ձեր ժողովուրդը խելքն է ունեցեր յաղթել չուզելու։ Ու հոդ է իր ինքնատպութիւնը։ Չզառածինք սակայն աւելորդ ընդհանրացումներու։ Կը վերադառնամ հարցումիս, որ պարզ է, կ ’ուզէ՞ք ծառայել մեր շարքերուն։ Եթէ կարելի է, տուէք այս հրաւէրին բացառիկ շնորհի իր գոյնը, զոր ան ունի ինծի համար, իրականութեան մէջ։ Դժուար է մահէն առնել մարդերը, որոնք տարիներով անոր զինուորը եղան։ Բայց բարբարոսներուն սրտին մէջ կայ այս կաթիլը։ Անկէ անդին ձեր գիտնալիքը։ Վասնզի մէկ աւելի կամ պակաս, գումարին մէջ կշիռ չ’ունենար։ Անշուշտ ձեր տեղը բաց չեն ձգեր ձեր հերոսները։ Բայց հազարներն ալ դեր չունին գումարի մը մէջ, որ յանգելու է զերոյի։ Ինծի կը մնայ կրկնել իմ հրաւէրը։

 

-- Խնայեցէք, փաշա՛, տաճկական ստորնութիւններ ձեր բերանին։

 

-- Կը մերժէ՞ք։ Ատ ալ ձեր գիտնալիքը։ Այն ատեն ձեզի կը մնայ պատրաստուիլ երկրորդ ճամբուն։

 

-- Այսի՞նքն։

 

-- Մահուան։

 

Հազարապետ Մեհմէտ Սիւրէյեա փաշան արտասանեց բառը իրեն յատուկ օծութեամբ, առանց քրտինքի։

 

Խօսակցութիւնը կանգ առաւ սակայն։ Վասնզի Մաթիկ Մելիքխանեանցը անսովոր խաղաղութեան մը ալիքով ինքզինքը առնուած, վերցուած էր զգացած։ Բոլոր ծեծերուն ու վայրագութեանց մէջ անիկա չէր ունեցած սա շատ յստակ խելամտումը։ Անոր աչքերէն անցան շատ­շատ բաներ, մօտ ու հեռու նոյն փլանին վրայ։ Ուզեց խօսիլ, բայց այլ ալիքէ մը քշուելու զգայութիւնը արգիլեց։ Կը վախնար, թէ իր բառերը պիտի փրթէին իրենց յօդերէն։

 

-- Կը մտածէ՞ք։

 

-- Ո՛չ։ Բառ մը սակայն։ Ե՞րբ՝ մեր դատավարութիւնը։

 

-- Նորին պէտք չունինք։ Ահագին թուղթ է մրոտուած։

 

-- Բոլորն ալ ստայօդ։

 

-- Դատաստանը պէտք չունի ստոյգին։

 

-- Կատակերգութի՞ւն մը՝ այս ամէնը։

 

-- Դուք ուզեցիք, որ ըլլայ։

 

-- Բայց ես դատ կը պահանջեմ։

 

-- Կրնաք, երկրորդ անգամ աշխարհ գալուն, պաշտպանել ձեր իրաւունքը։ Առայժմ զրկուած էք այդ իրաւունքէն։

 

-- Մարդկային տարրական իրաւունքներէն, անշուշտ։

 

-- Ամէն երկիր իր շահերը պաշտպանելու մտահոգութեան մէջ ետին կը նետէ գործելու կերպեր, որոնք կարճ կը կապեն արդարութեան ընթացիկ արարմունքները։ Յանցանքի վրայ բռնուած մատնիչ մը մէկ օրուան մէջ կը գնդակահարուի։

 

-- Մենք լրտեսներ չենք։

 

-- Աւելի տխուր, անպաշտպան բան մը։ Մեր իսկ պետութեան դաւաճանները։ Զորս պատժելու համար ոչ ոքէ անհանգիստ կը զգանք մեզ։ Ամէնէն քիչ՝ մեր խիղճէն։ Ու յետոյ, ժամանակը կարճ է։ Մինչեւ արեւին մուտքը ժամանակ կու տամ ձեզի մտածելու։ Անկէ անդին՝ մեղքը ձեր վիզին։ Հիմա արդէն կը ձգուիք դուրս այս խօսակցութենէն։ Ձեզ պիտի պտտցնեն մինչեւ որ մինարէին բարձունքէն էզան ը լսուի։ Ձեզի քաջութիւն, մա՛նաւանդ խելք կը մաղթեմ։

 

Ու ելաւ ոտքի։

 

Պատին երեսին` ժամացոյցը դադրեր էր պոռալէն։ Մաթիկ Մելիքխանեանցը չէր լսեր անոր մետաղեայ, անտարբեր ճիչը, այնքան իր ներսէն յորդ ու բուռն բան մը աղմուկով կը բարձրանար։ Ուզեց նայիլ ընկերներուն։ Ծոծրակին ծխնիէն վախ մը արգիլեց այդ շարժումն ալ։

 

 

*   *   *

 

Էտինքի էզան ը աւարտած էր քաղաքին Մեծ մզկիթէն, ուր պաշտամունքի էր շէյխ Սապիթը։

 

Արտակարգ յանձնաժողովը յայտնի սրտնեղութեամբ ընդունեց պատուիրակ փաշան։ Անոր կէս ջղայնոտ, յուսակորոյս դէմքը աւելորդ կ’ընէր բացատրութեան պահանջ մը ժողովականներէն։

 

Հազարապետը ինք ընդառաջեց այս նեղսիրտ տրամադրութեանը։

 

Անօգուտ իր առաքելութենէն յետոյ անտեղի կը նկատէր ան որեւէ հարցաքննութիւն։ Անոր կարծիքով, հայերը երբ ինքնամատոյց, անշահախնդիր մատնիչներ չէին (շատ շատեր այդ ժողովուրդէն փոքր, չնչին վէճերու գոհացումը պատրուակ կ’առնէին, անհաճոյ իրենց ազգակիցները մատնելու, վարձատրութեան խայծէն ալ անկախ), բռնի չէին վերածուեր [257] այդ կաղապարին։ Այդ դասակարգը, զոհողութեան զգացումէն աւելի, կը հպատակէր ուրիշ մղումներու, մութ ու խորհրդաւոր, նման այն ուժերուն, որոնք անոնց ճակատագիրը ըրեր էին այնքան եղերական, բայց պահպաներ ցեղը։ Անոնք կը մեռնէին, անցեալին մէջ՝ երկնաւոր հաշիւներով, հիմա՝ չմատնելու հաճոյքին, յամառութեան բովէն [258], գոհացում տալու համար իրենց վրիպած մեծութեան, որուն կը հաւատային ուրիշներէն աւելի։ Այդ յամառութիւնը թուրքը նախատելու անոնց ազգային եղանակն էր, ինչպէս կը վկայէր իրենց պատմութիւնը, երբ մահուան կը վազէին, գունդագունդ, համոզուած ապառնի այն տեսարաններուն, որոնց մէջ իրենք պիտի ունենային իրենց վիճակով սա իրենց դահիճները։ Մտապատկերելու այս կերպը նորերուն մէջ կը փոխուէր վայրագ հպարտութեան մը, որ սնունդ կ’առնէր թուրքերուն պարտութիւններէն ու բարբարոս հեքիաթէն։ Պոլսական խռովութեանց պահուն, ընդարձակ ձերբակալութեանց մէջ, հարիւրապետ Մեհմէտ պէյը ունեցեր էր այդ փորձառութիւնները։ Հարազատ յեղափոխութիւնը տանջանքով աւելի կ’ամրանար, կը փայլէր։ Ու իր կարծիքով երկու կալանաւորները կը պատկանէին այդ դասակարգին։ Անիկա ըրաւ մերձեցումներ, պոլսական իր տպաւորութիւններէն, որոնք ինքնաբերաբար կրկնուած էին իր մէջ իր հարցաքննութեան ատեն։ Նոյնն էին այդ մարդիկը ամէն տեղ։ Ու տարօրէն նման իրարու, մահուան իրենց ծարաւին մէջ։ Հնչակ, Դաշնակ տիտղոսը ոչինչ կը փոխէր, երբ մահուան գիծին իջնային անոնք։ Անշուշտ, Արտակարգ յանձնաժողովը մեծ իր պարտականութիւնը պսակած պիտի ըլլար` սա մարդիկը կանչելով լիակատար խոստովանութիւններու։ Բայց ապառաժէն բերք սպասելուն պիտի նմանէր նման զիջում մը, պատուիրակ փաշային ձեռնարկէն յետոյ։ Մեհմէտ Սիւրէյեա փաշան նկատեց, որ կարճահասակ յեղափոխականին արտայայտութիւնը կը նոյնանար իր անդրագոյն զգայութիւններուն, երբ տարիներ [259] կանուխ կը տեսնէր այդ մարդերը, վճիռէն առաջ, մահուան հանդէպ անսովոր հանդարտութեամբ մը։ Մահը, այդ ժողովուրդին համար, տեսակ մը քաղցր ընտանութիւն կը ստանար, երբ կու գար թուրքին ճամբայով։ Վերջին ըմբոստութեանց նուիրուած իր հետազօտութեանց մէջ հոգեբան փաշան խօսեցուցած էր զսպումին մեծ գործաւորները, ու անոնց տպաւորութիւնները կը հաստատէին իրենները, Պոլսէն, ուր իբր հարիւրապետ վարած էր զսպումը, գլխաւոր օճախներու վրայ փայլուն յարձակողականով, յետոյ բանտերէն ներս՝ առանձին տանջանքներով։

 

Ուրե՞մն։

 

Արծաթ ափսէներու եւ ոսկի բաժակընկալներու վրայ, որոնց բանուածքը բանտերու անհուն համբերութիւնը միայն կը բացատրէ, երբ ոսկի թերթի մը վրայ՝ վեց ամիս կը բանի գրոցը [260], բերուեցաւ հոտաւէտ սուրճ։

 

Ուրե՞մն։

 

Միշտ հազարապետ փաշային կարծիքով՝ ամէն հաւանականութիւն փակուած կը նկատուէր քոմիթաճի ներուն չտուածը բռնի առնելու իրենցմէ։ Բայց կար փոքր յոյս մը, ան ալ երրորդին մատաղութիւնը, խակութիւնը։ Պէտք էր ծանրանալ այդ գեղացիին վրայ, որ միւսներուն նման կրթութենէ ու «մարզանքէ» անցած չըլլալուն՝ դեռ թոյ [261]   կը սեպուէր, ասպարէզին, արհեստին համար թերհաս։ Գեղացիի այդ խակ հանգամանքին այդ տղան կը միացնէր նաեւ տարիքէն ալ փոքրութիւն մը, էապէս կարեւոր, երբ հաշուի առնուէին փոքրերու յաճախադէպ տկարացումները, սպառնալիքի, տանջանքի կամ խոստումներու դիմաց։ Իր յոյսը, ահաբեկումով առնելու անկէ միւսներուն պահածը։ Անոր ոճիրը մինակը կը բաւէր այդ սարսափին։ Ու իրականին մէջ կարող էր զինքը կախաղան առաջնորդել, ճարտար խաղերով քայքայել [262] անոր արդէն չկազմուած կամքը։ Արդէն կասկած ունէր այդ տղուն յեղափոխական շնորհէն։ Կիներու գիծը քիչ անգամ կը խառնուէր ազգային մոլեռանդութեան անխառն պատկերին, որով կը ներկայանային այդ եփուած, տաղուած մատաղցուները տանջանքին կամ կախաղանին։ Այդ քայքայումը գործադրելէ ետքը այդ տղուն հոգիին վրայ, ընդառաջել անոր սարսափը առատ խոստումներով։ Ամէն բանտարկեալ տկար է խոստումին հանդէպ։

 

Կրկնուեցան շէրպէթները, ուրիշ ոճէ՝ բայց համանիւթ ափսէներով եւ բաժակներով։

 

Ուրե՞մն։

 

Միշտ հազարապետ փաշային կարծիքով՝ ժուռնալ ները հազարէն մէկ իրաւ չէին ըսեր։ Քաղաքական ոճիրներու հայկական բաժինը խճողուած էր ամէնէն անհեթեթ յերիւրանքներով։ Իր համոզումն էր՝ երբեք չանտեսել ներկայացուած ամբաստանութիւնը, բայց անոր դրդապատճառները ենթարկել խորունկ ուսումնասիրութեան, շրջահայեաց լայնքով ձեռք առնել բոլոր անհրաժեշտ զգուշութիւնները  --ձերբակալութիւն, խուզարկութիւն, տանջանք, ընդարձակում՝ թիւէ եւ դիրքէ յանցաւորները ձգելու համար արդարութեան ուռկանին--, բայց ըլլալ վերապահ տեղեկաբերին ենթադրութեանց դէմ, որոնք յաճախ կամայական, անճիշդ, առնուազն չափազանցուած կը մատուցուէին «յոտս վեհափառ կայսեր»։ Այնպէս որ, զիրենք զբաղեցնող սա հարցին մէջ   --որուն կորիզը կը կազմէր Պոլսոյ վրայ յարձակում մը, գեղացիներով եւ Կովկասէն յատկապէս ուղարկուած փորձ զօրավարներով--   իրենք պարտաւոր էին չենթարկուիլ գաւառակի ստուգիչ մարմինին գաղափարներուն, քանի որ ուղղակի տեղեկատու քահանան նման եզրակացութիւն մը չէր իսկ կասկածեր [263] Ստուգիչ այդ յանձնաժողովները, գազա ներու մէջ, կ՛անցնէին, իրենց եռանդով, շատ անդին քան ամենէն հեռաւոր հաւանականութիւնը, իրենց ձրի կասկածներովը, վերագրումներովը ծանրաբեռնելով արդէն չափազանց պղտոր մթնոլորտը։ Ժողովը, հակառակ նախապէս տարբեր մտածելուն, համամիտ եղաւ հազարապետ փաշային, գտնելու համար, ներկայ հարցին մէջ, մեծ, շատ մեծ բաժին մը աւելորդ երեւակայութեան։ Այս զիջումէն, անիկա շուտով իջաւ երկրորդին, որուն կը ձգտէին ճարտար հաշիւները պոլսառաք պատուիրակին, ամբաստանութեան կորիզին իսկ անհեթեթութեան ու բացարձակ սուտին։ Երկրորդական բոլոր աղբիւրները լուռ էին Պոլսոյ վրայ յարձակման մը ծրագրէն։ Անիկա կը հիմնուէր ոչ­թուրքերու, բայց բոլորանուէր մարդոց վկայութիւններուն, որոնք իրենց գեղերուն մէջ, զէնքերուն [264], անոնց պետերուն անունները տրամադրած էին կառավարութեան, բայց կ’անգիտանային պոլսական մասը շարժումին։ Անգէտ էին պոմպայէ, տինամիթի սնտուկներէ ու, մա՛նաւանդ՝ թեթեւ տորմիղէն, որ Եալովայի լեռներուն ծովահայեաց մէկ զառիթափին, խորունկ ձորի մը մէջ, պահ էր դրուած։ Հակառակ մանրակրկիտ խուզարկութեան, ոստիկանութիւնը հետք չէր գտած այդ թեթեւազէն նաւատորմէն, որուն վրայ մութ-գոյն առագաստ պարզած, հովին նպաստաւոր մէկ գիշերով, սակառներու տակ պոմպաները՝ վրան ալ խաղող, պիտի կտրէին Եալովայի ծովը, օդը հանելու համար Եըլտըզի պալատը, սա մարդիկը, թերեւս ծովուն երեսն ալ դեռ չտեսա՜ծ՝ իրենց կեանքին մէջ։

 

Աջ ու ձախ այս նկատողութիւններու կողքին, ժողովը անգամ մըն ալ վերադարձաւ քոմիթաճի ներուն հետեւած ուղեգիծին, «սփռած միքրոպներուն», ու կազմուած հաւանական օճախներուն։ Եղան հանճարեղ մէկ­երկու թելադրութիւններ, կեդրոն ունենալով ծեծը, ցիցը, մաղմաղ կրակը, աքցանը, թրքական պատմութեան մէջ սուլթաններու կողմէ փորձուած մեծ տանջանքները, բայց դադրեցան շահեկան եւ կարելի նկատուելէ, երբ բռնուեցան դատողութեան լոյսին, որ կը ներկայանար հազարապետին գանկովը։ Միւս կողմէ՝ խօսակցութիւնը թոյլ կ’իյնար այդ հարցին շուրջը։ Չէին գիտեր, թէ այդ պահուն իրենցմէ վեր բնազդներ [265] կը վարէին զիրենք։ Այդ մարդոց մտքին մէջ կալանաւորներուն ճակատագիրը վճռուած էր։ Այս ապահովութիւնը, ելքի այս նոյնութիւնը կ’ազդէր անոնց իմացական ճիգին, որ հարկադրաբար թոյլ կ’իյնար, անպէտ ըլլալուն։ Հոգեւարքի մը առջեւ բժիշկը ծիծաղելի է նախ ինք իրեն։

 

Վայրկեան մը ժողովը զբաղեցաւ թեթեւ տորմիղին առասպելովն ալ։ Նիկիոյ լիճին վրայ դաշտ անգամ վարելու անկարող գեղացիներէն անիմաստ էր յանդուգն ու փորձ նաւաստիներ ստեղծել` յարգելու համար քմայքը աս ու ան շատախօսին։

 

Յետոյ գոյացաւ միաձայնութիւն Սողոմին վրայ կատարուելիք ճնշումին մասին։ Փորձը ցնցող դերակատարութիւն մը պիտի ըլլար` անփորձ տղուն վրայ ազդելու կարող։ Ու ատիկա լրիւ տեսարանուած ու իրական մահ մը, որ կատարուելու էր այդ գիշեր իսկ, որպէսզի թարմ այդ տպաւորութեան տակ բացուէին կզակները։ Զոհուելիքը կարճահասակն էր առաջին հերթին։ Վրիպումի պարագային, մաքրել երկայնահասակն ալ, նոյն տպաւորիչ պայմաններուն տակ։ Անշուշտ, այս արարողութիւնը խորհրդապահ մտերմութեամբ մը, բանտին մռայլ խորշերէն մէկուն մէջ   --ամէն ոստիկան, առանց գիտնալու, գիտէ բանտերու [266] այդ վիրապները, կայսրութեան բոլոր կեդրոն քաղաքներուն մէջ--   անաղմուկ, դուրսին համար։ Նոյն ատեն վարչական գաղտնի՛ք, առանց դատական վճիռի, որ կրնար արձագանգել մինչեւ Փարիզ ու Ժընեւ [267] ։ Հայերը հիւպատոսներու կողմէ փնտռուած յիմարներ էին ու քաղաքը շատ ունէր անոնցմէ։

 

Քոմանտան փաշան իրեն պահեց Սողոմը ժողովին հանելու իր որոշումը, որուն արդիւնքն էր արդէն տղուն առանձնացումը։ Անձնապէս եւ ընտանեպէս իր հետաքրքրութիւնը տեղի տուաւ վարչական ու դիւանագիտական սա ցուցմունքներուն առջեւ։ «Փորձէն» վերջ այդ մասին կարելի էր մտածել։

 

Կէս ժամէն աւելի երկարող այս խօսակցութիւնը տարօրէն հաճ ըրաւ զանոնք։ Դատողի հոգեբանութիւն մը կայ, զոր ժողովուրդը պատկերած է նշանակալից առակին մէջը մորթողին ու այծին, ուր առաջինը հոգն ունի այծուկին ճարպին, ու երկրորդը՝ իր հոգիին։ Աւելցուցէք այս ծանօթ տրամադրութեան հայու եւ թուրքի ողբերգականը [268] ։ Կը խօսէին ու կը սպասէին շէյխ Սապիթին, որ կ’ուշանար։

 

Մինչեւ անոր ժամանումը, ժողովականները քշուեցան աս ու ան նկատումներէ, հեռուէն կապով մը՝ ժողովի խորհուրդին։ Խօսքը տաք էր, հազարապետ փաշային բերնէն, քաղքին դիրքին, բնական գեղեցկութեանց մասին։ Արդէն իրենց նուիրական հայրենիքին ո՛ր մասը շնորհազուրկ էր ստեղծուած։ Պատուիրակ փաշան Արեւելեան Նահանգներու բնանկարները մօտեցուց Ողիմպոսի տեսարաններուն։ Բայց Ջերմուկները գոհարն էին այս փառաւոր քաղաքին։ Քոմանտան փաշային կալուա՜ծը։ Տարիներով յարգի հիւրերուն առջեւ իր քաղաքին գովեստը ըրած՝ անիկա ստացեր էր լիութիւն ու նկարագեղ արտայայտութիւն, երբ կը պատմէր «Կանանչ» քաղաքին գանձերէն։ Մզկիթներ ու դամբարաններ, հոյակառոյց բաղնիքներ ու չքնաղ աղբիւրներ, բոլորն ալ գործը իրենց փառաւոր նախնիքներուն։ Նոր ժողովուրդ՝ թուրքը կ’ատէ հնութիւնը։ Քոմանտան փաշան հազիւ յիշատակեց քանի մը կռապաշտ աւերակներ, բոլորն ալ ճինիվիզ ներէն մնացած (չէր անդրադառնար, որ պատմութիւնը կ’այլափոխէր՝ բիւթանականն ու ճենովականը քով քովի բերելով ժամանակի սանդուխին) արժանի չէին լուրջ ուշադրութեան։ Փոխարէն, անիկա իբր գիրքէ մը, կարդաց տարազները Ջերմուկներու զանազան ջուրերուն, իրենց ծծումբէն, երկաթէն եւ ուրիշ հազուադէպ մետաղներուն համեմատական կշիռովը։ Զուր տեղը չէ, որ գիտուն է մարդ մը։ Ու եզրակացութի՛ւն, անսասան իր հաւատքը այն օրուան մասին, երբ այս ջուրերը, օժտուելով եւրոպական հանքային աղբիւրներու շուրջ հաստատուած առողջապահիկ բոլոր պայմաններով, իրենց պիտի քաշէին աշխարհի բոլոր մեծահարուստ հիւանդները ու անոնց ոսկին։ Կը խօսէր, ու հաստ իր ափը անիկա փակցուց կէս կանգուննոց իր երեսին։ Ապտակի մը պէս շառաչուն այդ շարժումով անիկա մժեղ մը սպաններ էր։ Մժեղին նահատակութիւնը խօսակցութիւնը փոխադրեց քաղաքի ոտքին քմահաճ գետակներուն, որոնք փորձանքն էին այդ սքանչելի արտերուն` չունենալով կանոնաւոր գնացք, յորդելով, աւազելով, ճահիճներ կազմելով ու գեղեցիկ օդը ապականելով։ Մինչեւ անոնց ուղղումը, ու եւրոպական հիւրանոցներուն կառուցումը, պէտք էր քաջալերել թուրքերու անհատական ձեռնարկները, վարչապէս ու տնտեսապէս, գոնէ Ջերմուկներու արուարձանէն վտարելու համար բոլոր ոչ­իսլամները, որոնցմէ մէկուն կը պատկանէր նորակառոյց մեծ բաղնիքը, եւրոպական ոճով։ Կաթոլիկ այդ հայը, որ քաղաքին մէջ տասնի մօտ մանարաններ կ’աշխատցնէր, ֆրանսական հիւպատոսին պաշտպանութեամբը գլուխ էր հանած այդ նոր բաղնիքին կառուցումը, հակառակ իսլամ երեւելիներու պաշտօնական բողոքին։ Քոմանտան փաշան այս շատ անձնակա ն դիտողութիւնները առաջնորդեց, ճարտար խաղով մը, դէպի պետական քաղաքականութիւն, որ ոչ­իսլամները դարերով պահած էր լուծի տակ։ Փորին ցա՞ւը։ Անշո՛ւշտ։– Իր հողերուն սահմանակից ընդարձակ արտի մը գրաւման փորձին մէջ իր ձախողանքը։ Վասնզի, կաթոլիկ այս հայը շահագրգռած էր հիւպատոսը ու արգիլած բռնագրաւումը։ Ամէն թուրք կը հաւատայ իր հայրենասիրութեան, երբ կը ցաւի օտար նկատուած միջամտութեանց վրայ։ Այդ օրերուն ամէնէն հրէշ բառը քափիթիւլասիոն ն էր։ Այս ճամբով խօսակցութիւնը երկարեցաւ դէպի «տարրերը», որ, միշտ այդ օրերուն, կը փոխաբերէր ոչ­թուրք ցեղերը։ Հազարապետ փաշան խորունկ ցաւով դիտել տուաւ, որ իսլամ թաղերը դեռ կը պահէին միջնադարեան նկարագիրը, իրենց նեղ ու խորտուբորտ փողոցներով եւ ծուռումուռ տուներով։ Մեծագոյն մզկիթը խղդուած էր չերչիներու եւ սոխին ու սխտորին կրպակներովը, որոնք զայն շրջապատող հրապարակը կ’ընէին քաղաքին ամէնէն նեխած տեղերէն մէկը։ Պէյերու եւ փաշաներու ընդարձակ ապարանքներն ալ հնադրոշմ կնիք մը կը կրէին, բաղնիքի, մզկիթի յատուկ ցած այն ոճերով, որոնք արաբներունը եղան փոքր քաղաքներու մէջ։ Իր ցաւին անիկա խառնեց հասկնալի ու պերճախօս նախանձն ալ, որով ամէն թուրքի սիրտ պարտաւոր է փափաքիլ [269], երբ խօսակցութիւնը շօշափեց հայաբնակ թաղերը, եւրոպական փողոցներու յատակագիծով, մաքուր, ճաշակաւոր ու արեւմտեան վայելչութեամբ։ Մեծ էր անոր զարմանքը՝ որքան ցաւը, որ մերձաւոր խառնաշփոթութիւնները անցած էին քաղաքէն` առանց բան մը փոխելու։ Տնտեսական փայլուն վիճակը հայերուն, որուն արժէքը իր ճիշդ չափին վերածեր էր անիկա շատոնց, արտաքին այդ շպարէն չխաբուելով, բայց չվարանելով զայն շահագործել պատեհ առիթի, մեծ ու միակ ճարտարարուեստի մը մէջ (մետաքս քաղելու [270] մանարանները) անոնց մենատիրումը [271], մանածի, հիւսուածեղէնի, երկաթեղէնի նման հաստատ գործերու մէջ անոնց ամրօրէն տեղաւորուիլը փաստեր էին, որ այս «աստուածապարգեւ» կուսակալութեան մէջ պալատին հետապնդած նպատակները չէին իրագործուած։ Հազարապետ փաշան կ’ափսոսար այս վրիպանքը, երբ պայմանները այնքան նպաստաւոր էին 5-6 տարի առաջ, շուկան կողոպտելու, հրապարակը ազատելով անոնց լուծէն ու քառորդ դարու համար գոնէ ապահովելով բնիկ տարրին տնտեսական բարգաւաճումը։ Անիկա չընդունեց այդ օրերու կուսակալին «կաշառուած» մը ըլլալուն աժան առասպելը։ Ջերմ վիճաբանութիւն ստեղծեց այդ հարցը, պետական բարձր քաղաքականութեան մը պողոտայով, դեռ այդ օրերուն ուրուային իր ձեւին մէջ, քանի որ սուլթաններու աւանդական վարչաձեւը Սուլթան Համիտի անձին մէջ կը գտնէր իր վերջին արտայայտութիւնը։ Քոմանտան փաշան փաստեր բերաւ, Դէպքերու տարին, կուսակալին բնակարանը հանուած չորս կազի թիթեղ ոսկիէն, զոր ամէնքը տեսեր էին իրեն պէս։ Ու ողջ՝ չաւուշները, որոնք այդ թիթեղները փոխադրեր էին մառան։ Պատահարը պատմած պահուն, ինչպէս այն ատեն ալ, անիկա չէր անդրադառնար, որ այդ թիթեղները կրնային քարիւղ ըլլալ, քանի որ չաւուշներուն բազուկները զանոնք վերցուցած էին, սովորական թիթեղներու նման։ Հազարապետ փաշան մերժեց Պոլսէն ընդդիմութեան մը առասպելն ալ, քանի որ Օգոստոսի տագնապին (96) հեռագիր հրահանգը որոշապէս կը գծէր պարտքը ամէն բանիմաց, հայրենասէր կուսակալի։ Այդ հեռագիրը կը հրամայէր զսպել ։ Կուսակալ ըլլալիք մա՞րդը չէր հասկցած, թէ քաղաքին թուրք աւագանին ուրիշ կերպ կ’ուզէր։ Եւ սակայն կայ դիւանական ոճ մը, որուն թաքուն իմաստին ընտանի են թուրքերը, ամսական երկու ոսկինոց քեաթիպներէն սկսեալ։ Ինչպէս լաւ հասկցած էին զայն միւս նահանգներու կառավարիչները, որոնք շէնք­շնորհք զսպած էին, այսինքն՝ ջարդած։ Իբր թէ այդ նահանգներուն մէջ ապստամբներ ունենային գոյութիւն։ Իբր թէ նոյնիսկ Արեւելեան Նահանգներուն մէջ հայկական լուրջ խնդիր մը կենար։

 

Հանդարտ ու զղջահար թոնով մը խօսակցութիւնը ընդհատուեցաւ դուռին բացուելովը։

 

Շէյխ Սապիթը։

 

Որուն սովորութիւնն էր երեւալ առանց ինքզինքը իմացնելու։

 

Անոր մուտքը ազատ էր, բացարձակ ազատութեամբ մը, որեւէ դիւանէ, պալատէ, կրօնական, դաւադրական, քաղաքական նպատակներով ամէն համախմբումէ։ Ծանօթ է ռէժիմին լայն պաշտպանութիւնը, բոլոր կրօնական կազմակերպութեանց վրայ։ Այդ բացառիկ տրամադրութիւնը կը շահագործէին խորունկ ամբոխավարները, որոնք ջարդերու ատեն բարոյական զսպանակները տուին մարդասպաններու բազուկներուն։ Հրաշագործութիւն, սրբութիւն, ոգեհարցական ճարտարանք, մոլեռանդութիւն եւ ամենահաստ տեսակէն թրքութիւն, այսինքն՝ անգթութիւն ու լրբութիւն կը միանային իրարու նոյն թշուառութեան վրայ, որ պարագաներու բերումով ինքզինքը հռչակի կը հանէր կապուած հայեր մորթելու մէջ իր ցոյց տուած ճաշակէն ու սրտաքարութենէն։ Շէյխ Սապիթը իր համբաւը կը պահէր Դէպքերէն ետքն ալ, ճկուն հասկացողութեամբ մը տեւական ընծայելով ջարդերուն հոգեբանութիւնը, ամբոխին մէջ կենդանի պահելով հզօր տեսարաններուն արբշռութիւնը, երբ անցեալը շինելու իր ստեղծագործ եռանդին հետ իր ունկնդիրները կը խռովէր խորունկ յուզումներով, մեծ մասը արիւնէն ու սեռէն առաջացած։ Անոր Պրուսա բնակութիւնը անարժան չէր իր հռչակին, քանի իր հեղինակութիւնը կը մնային քանի մը հանրածանօթ բռնութիւններ, ամբողջ քաղաքը յուզող, հիւպատոսներն իսկ գործի հանող, որոնք իրենց միջամտութեան մէջ մնացեր էին կորանքով։ Մէկը այդ բռնութիւններէն բռնի իսլամացումն էր քսանամենի երիտասարդի մը։ Ռուսական հիւպատոսը կրակ էր թափած այս բարբարոսութեան առիթով, բայց լռած՝ Պոլսէն ստացուած հեռագրի մը վրայ։ Ատաղձագործ այդ տղան անփորձ էր գտնուած, անշուշտ չգիտնալուն, կտրուկ մերժումով մը չդիմաւորելու [272] շէյխին հրաւէրը, զոր ըրեր էր հայ տղուն, չորս թուրքի ներկայութեան, Սուրբ կրօնին դառնալու։ Երիտասարդը աշխատաւոր մըն էր, մզկիթի մը բակին մէջ աղբիւրի մը վանդակը նորոգող։ Ու մերժումի այս անփութութիւնը բաւ էր, որպէսզի ատաղձագործը նկատուէր հրաւէրը ընդունած    --լռութիւնը հաւաստում է թրքական օրէնքին մէջ--   ու ատով, իրողաբար, իսլամացած։ Ըստ այս տրամաբանութեան, անիկա չէր կրնար վերադառնալ իր նախկին դաւանութեան։ Այլապէս, իբր հաւատուրաց կը դատապարտուէր գլխատման, մարգարէին շատ յայտ վճիռովը։ Քսաներորդ դարու սկիզբը, հարիւր հազարնոց բնակչութեամբ քաղաքի մը մէջ, ուր տասը պետութիւններ հիւպատոսներ կը պահէին, ու երեք­չորս եւրոպական վարժարաններ մեծազօր դրօշներու պաշտպանութեամբ Քրիստոսի կրօնքը կը սորվեցնէին հեթանո՜ս հայերուն, շէյխ Սապիթը, միս­մինակ, կուսակալին ու քոմանտան ու նման փաշաներուն կամքին հակառակ, հետապնդեց տղուն իսլամացումը, ոսկեհուռ ծածկոյթի մը ոսկեփառ Գուրան ով կարկամեցնելով օտարները, ինչպէս կակուղ իսլամները ու, գլուխն անցած հինգ հազար մոլլա­սոֆթայի՝ քաղաքին Մեծ մզկիթէն, թափօրով մտաւ կառավարական շէնքը, ու հոյակապ հեռագիրով մը խալիֆայէն աղերսեց իսլամին արդարութիւնը։ Այս ցոյցը տպաւորեց օտարները։ Ու հայոց առաջնորդին իսկ միջնորդութիւնը պէտք եղաւ տղան համոզելու, որպէսզի ազգին սիրոյն զոհուի կրօնքէն։ Կառավարական շէնքէն թափօրին թաւալը դէպի պատմական մզկիթները, հայոց թաղերուն մէջէն, կանանչ դրօշակներու թունաւոր շողշողումին տակ՝ նուիրագործեց այդպէս տխուր, բայց չփաստուած հռչակը մեծանուն կրօնաւորին։ Անոր երկրորդ արարքը՝ քանդումն էր գեղեցիկ սրճարանի մը, կառուցուած ազգապատկան հողի մը վրայ, հարիւրէ աւելի տարիներ առաջ։ Ընդարձակ այդ հողը արժէքի ելած էր հայկական թաղերուն ծաւալումովն ու ստեղծած գիներու բարձրացումով։ Թուրքերը Կովկասէն գաղթական թաթարներ զետեղեցին այդ կալուածին մօտիկ, հայկական զանգուածը լերան կողմէն ալ ճնշելու համար։ Այդ նորահաստատ թաղերը ունեցեր էին փոքրիկ աղօթատեղի մը, դիտմամբ շատ մօտիկ պարտէզի սրճարանին։ Շէրիաթին պահանջումով մզկիթի մօտ խաղավայր, սրճարան, գինետուն թոյլատրելի չէին։ Օր­ցերեկով, հազարաւոր թաթարներու գլուխն անցած, անգոսնելով դատարանին վճիռը, որ ոգելից ըմպելիքի արգելքովը կը գոհանար ու կը փրկէր արդէն արդար սրճարանը՝ անիկա յարձակեցաւ գեղեցիկ շէնքին վրայ, սոթտուած ու խանդավառ, ու կէս ժամուան մէջ հիմնայատակ կործանեց զայն, Ալլահին, Մարգարէին ու երկրի վրայ ասոնց շուքը ներկայող խալիֆային անսասան փառքը օրհներգելով։ Միեւնոյն տարիին մէջ այս երկու ձեռնարկները, իրենց փառաւոր արդիւնքով, զայն ըրին քաղաքին ամէնէն ազդեցիկ ու շահեկան անձնաւորութիւններէն մէկը։ Անիկա իր կատաղութեան կը միացնէր խնամուած նենգութիւն մը, ինքզինքը բաշխելով, ճարտար խաղարկութեամբ, համեստ կամ մեծահամբաւ աղօթատեղիներու մէջ, հանդիսաւոր պաշտամունքի։ Հարիւրէ աւելի մզկիթներու մէջ, պաշտամունքի այդ ժամերը անոր համար առիթներ էին զանգուածէն ներս շատ զօրաւոր խռովքի ալիքներ ստեղծելու, երբ խորունկ ու շատ խնամուած դերակատարութեան մը հմայքին մէջէն ինքզինքը կը յանձնէր իր գերագոյն զգացումին, անհաւատին, կեավուր ին, մասնաւորաբար անոր ամէնէն տկար ներկայացուցիչին՝ հայերուն դէմ այն անպարագիծ կատաղութեան, որ անոր դէմքէն կը հալածէր արիւնը, լեմոնի դեղնութեամբ դժնդակ կաշի մը ձգելով հոն, ու մօրուքին դեղնաւուն սարսուռը եղերական ցաւի մը պէս հոսելով չորս դին։ Այդ րոպէներուն անիկա անդիմադրելի էր իբր հաւատացեալ ու իբր մարգարէ։ Վախցած, հմայուած՝ ամբոխը չէր համարձակեր նայուածք իսկ վերցնել անոր աչքերուն, դեղին ու լուսաւոր մագաղաթի կտորներ, որոնց մէջ բանտուած կը թուէին կանանչ ուլունքները անոր բիբերուն, անդիմադրելի ու ծակող՝ երբ կը սեւեռէին կեավուր դիմակ մը։ …Անոր բնաբանն էր, օրուան հինգ աղօթքներուն, հայցել խստութեամբ, արդար իրաւունքով սուրբ օրը, երբ իսլամին հողերէն հոտն իսկ ջնջուելու էր անհաւատին։ Մինչեւ այդ օրհնուած օրը, անխնայ հալածել հայը, ամէն տեղ, տունին՝ ինչպէս խանութին, կրօնքին՝ ինչպէս պատիւին, կալուածներուն՝ ինչպէս հոգիին մէջը, այդ ամէնը մշտապէս ունենալով աչքի ու բառի առաջ։ Սարսափի այս տեւական մշակումը անոր գոյութեան իմաստը, ինչպէս ամբոխին ալ մէջը սրբազան պատգամ մը դարձաւ, որուն խորհուրդը թանձրացուց անիկա ահաւոր իր պերճախօսութեամբ, երբ կը պարզէր [273] մօտիկ անցեալը իր ունկնդիրներուն վայելումին։ Անիկա, նախանձայոյզ հաւատացեալ, սրտի ցաւով կ’ոգեկոչէր հին տարիները ու կը հրաւիրէր իր ժողովուրդը վերադառնալ այդ անմոռանալի շրջաններուն, ուր կեավուր մորթելը օրուան պարտքերուն մասը կը կազմէր։ Հիմա՞։ Բայց ո՞վ կ’արգիլէր այդ պատգամներուն վերարժեցումը։ Սպաննել անհաւատը, երբ կը փորձէ ընդվզիլ, ոչ՝ տարիներու սպասումով մը, այլ՝ առօրեայ իրականութեամբ։ Ջարդերը պարտաւոր էին մշտական իրականութիւն մը ըլլալ։ Արիւնը կը զօրացնէ։ Շէյխ Սապիթին մէկ պահանջն ալ, պատրաստել բոլոր երկիրներու իսլամները, բայց մասնաւորաբար օսմանեան կայսրութեան գերերջանիկ ժողովուրդը, մարսելու կեավուր ը։ Կ’անգիտանա՞ր այդ մարդը անիմաստութիւնը նման հոգերու, քանի որ կարիք չկար այդ բանը դուրսէն սորվելու, ամէն թուրք, դեռ մօրը արգանդին մէջ, իբր այդ հանդերձուած ըլլալուն։ Մզկիթներէն դուրս, սրճարաններու եւ հրապարակներու մէջ իր գլխաւոր նիւթը՝ հայերուն հարստութիւնը ու համն էր անոնց կիներուն։ Այդ կալուածին վրայ անոր լրբութիւնը սրբազան գեղեցկութեան կը հասնէր բառէն, պատկերէն, կարելի իրականութենէն վեր շնորհներով, երբ, ամէնէն բանուկ փողոցին վրայ, հայու տունի մը պատին միզելու կը կենար, դանդաղ ու հանդիսաւոր, վարտիքին ոսկեհիւս խոնճան ները կախած մէկ ափին, միւսովը՝ ճմռելով ու ճմռելով առնին, մինչ իր բերանը բոլոր կիներն ու մանչերը, ախոռի զամբիկն ու օրանի աղջիկը կ’անցընէր մէկ շիշէն, մեծաբարբառ, պատկառելի շեշտով մը, աչքերը փակ պատուհաններէն ցանցառ անցորդներուն։ Ասիկա արարողութիւն մըն էր, ու գրեթէ կրօնական տարողութեամբ, վասնզի հիւպատոսներու կառքերն իսկ անկարող էին լրբութիւնը սաստելու այս տեսարանին։ Սվազի մէջ իր ձեռքովը հարիւրներ մորթած (ո՞վ պիտի գրէ պատմութիւնը այս մարդոց), Ջարդերու փակումով հիւանդացած ու Պոլիս անցած դեղնութիւն մը դարմանելու համար, [274] մայրաքաղաքին մէջ, իր եռանդովը ինքզինքը վտանգած՝ անիկա պարտաւորուեցաւ ձգել Պոլիսը, ու աստիճանի բարձրացումով  --անպաշտօն պաշտօննե՜րը անբաղձալիներուն, որոնք մինչեւ Եմէն ճամբայ ունէին, կուսակալի տիտղոսով--   ղրկուեցաւ Պրուսա, իր եռանդին արժանաւոր գետինի մը վրայ աշխատելու Օսման պէյին հետ, որ առաջին իսկ տեսակցութեամբ կապուած էր իրեն, սրճարանի մը առջին, Այա Սոֆիայի հրապարակը, երբ աղօթքէ մը վերջ ծանօթացած էին իրարու։ Օսման պէյը պալատին մէջ իր ազդեցութիւնը գործածեց Եմէնի փոխարէն Պրուսան առնելու իր բարեկամին։ Շէյխ Սապիթին խորունկ ցաւը, այդ օրէն ասդին, իր աքսորէն աւելի (զոր նրբութիւնն էր ունեցեր ըմբռնելու), Պոլիս ու Պրուսա իր գտած բարգաւաճ հայութիւնն էր։ Ջարդէն այդ քաղաքին անմասն մնալը մեծագոյն մեղքը կը նկատէր ան, Ալլահին ու Մարգարէին հանդէպ։ Ամէն օր պիտի յիշէր ու յիշեցնէր ամօթալի զանցառութիւնը իր ոտք կոխած տեղին։ Այս մտայնութիւնը հայկական երանգով ռոմանթիզմ մը չէ այս տողերուն վրայ։ Մօտ քսան տարի անիկա հոգեկան աշխարհն էր այդ քաղաքին, որ կորսնցուցած էր սքանչելի առիթը։ Ու տարբեր էր անիկա թուրք միւս մտայնութիւններէն, որոնք աս ու ան քաղաքին մէջ արիւն էին թափած ու քիչիկ մը կուշտ։ Ատկէ զատ, հիմակուան թուրքերուն աշխարհիկ ատելութիւնը այն ատեն զգեստաւոր էր կրօնական պատմուճանով։ Ու այդ ատելութիւնը մնայուն թուխսի դնող մարմինը հիմակուան պէս լիպերալ մտաւորականութիւն մը չէր տակաւին, այլ՝ կանանչ, դեղին ու ճերմակ փաթթոցներու հսկայական բանակը։

 

Շէյխ Սապիթին մուտքը, արտակարգ սա ժողովէն ներս, եղաւ վայել իր համբաւին։ Բարկ ու քրտնած իր մարմինը կը բերէր անդիմադրելի պատկառանք։ Ա՛յնքան՝ որ նստողները անզգալաբար իրենք զիրենք գտան ոտքի։

 

Նորածին մանկան մը գլխուն ծաւալով ծոպաւոր փունջը անոր համրիչին, կանանչ ու փափուկ, զոր կ’երանգէին ոսկիի հպանցիկ թելեր, փաղփուն ու կենդանի։ Այդ փունջը անոր բժժանքը կը նկատուէր, անբաժան անոր մատներէն, լրացնելով դեղին անոր համրիչին հեքիաթը, կանգունէն աւելի հասակով, հատիկները փոքր ընկոյզի մեծութեամբ, տարօրէն դեղին սաթով մը, որուն մարմինը կը թուէր լոյծ, կիսամշուշ պղտորութեամբ մը։ Այդ համրիչը անոր հոգեբանական կողմնացոյցը, անոր մտածումներուն ղեկը կարելի էր ընդունիլ, վասնզի անոր անձին խուլ շարժումները դեղին իր օղակովը կը գծաւորէր աշխարհի աչքին, խաղաղ պարոյրով, բանալու ատեն՝ անոր հոգիին միսթիք խոյանքը դէպի ճեննէթ ին իսկական հեշտութիւնները, որոնք առաջօք տեսանելի վայելքներ էին գրեթէ։ Ու այդ համրիչը դողահար ու կոծկոծուն դժբախտութիւն մը կ’ըլլար անոր մատներէն, երբ իր ատելութիւնը կանչուէր թրթռալու, բխելու, անձրեւելու զինքը մտիկ ընողներուն հոգիներն ի վար, ոստոստելով, գալարուելով, հեծկլտալով, ու մետաղակերպ իր հունչերը ընելով խուլ ու սիրտ առնող զարկ մը, որ կը թափանցէր։

 

Անոր համրիչը ձեռք փոխեց։

 

Ասիկա կերպն էր զուարթ բարեւին, զոր արաբերէն նախադասութիւն մը երբեմն կը յաջողէր կնճռոտել։ Փաշաները նկատեցի՞ն ատիկա։ Տժգոյն, մաղձէն նուաճուած անոր աչքերուն խորը կը թրթռար մռայլ, խիստ, սպաննող այն անձուկը, որով հովանաւոր է ներքին անձնաւորութիւնը բոլոր արիւն թափողներուն։ Ատիկա՝ բաբախման մէջ սեւեռում մըն է, եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը, բիրտ ու յատկանշական, որ նայուածքը կը նետէ սուրի մը պէս հատու եւ նուաճող։ Դեղին յատակէ մը, որ մաղձապարկի [275] հիւանդութեան մը չարաշուք յաւելումն էր այդ անժուժելի խստութեան, [276] Շէյխ Սապիթին ակնարկը իրական թոյնի մը հեղումով կ’իջնէր ուրիշներու։

 

Միւս կողմէ՝ նոյն տժգունութեամբ անոր դէմքին վրայ բացարձակ, անհաւասարելի յստակութեամբ մը պարզ էր անոր թրքութիւնը, մաթ ու խոնաւ այն անգթութիւնը [277], որ գիշակերինն էր, գառագեղէն ներս կամ դուրս։ Ամբողջ այն կանանչ ու դեղին խառնուրդով հոգեկան գլորո՛զ ը, որ Արեւելքի դէմքերը երկայնութեան գիծէ մը անդին զարկած է դարերէ ի վեր։ Եւ որ այդ գիծը անցնող թուրքերուն մէջ հետզհետէ կ’ընկրկի, բայց երբեմն իր լիութիւնը կը կոթողէ այս կարգի տիպարներու ընդմէջէն։ «Թոյն կը վազէր» անոր դէմքէն, բացատրութիւն, որ մտած է ընթացիկ լեզուի մէջ, ով գիտէ քանի՜ հարիւր տարիէ ի վեր, երբ այդ շէյխերուն նախնիքները անապատէն ու ստեփ ներէն նոփ­նոր, «շաղը վրան» կը բերէին այդ դիմակները։ Ու բացատրութիւնը քիչ կու գար` արտայայտելու համար ընդարձակ, տիտղոսաւոր մարդասպաններու սա դիմակը, երբ չ’ընծայեր պատեհութիւն այդ թոյնը թափելու։

 

Մարդեր կան, որոնք մէկ ակնարկով կ’ըմբռնուին։ Ուրիշներ կը շփոթեն դիտողը, իրենցմէ հոսող զգայութիւններուն առատութեամբը։ Առաջին շփումին այս տպաւորութիւնը երբեմն կը սեւեռէ վճռական գիծեր, մեզի անծանօթ նկարագիրներէ։ Շէյխ Սապիթը իր մասերուն [278] մէջ ունէր այդ բազմազան, անհամաչափ ինքնատպութիւնը։ Կարգով մատչելի չէր անիկա ուրիշներու։ Աչքերէն ու դիմագոյնէն յետոյ անիկա  --անոր ճակատը իր չգոյութեամբը կը պղտորէր դիմացինը--    կը տպաւորէր մօրուքովը, ճերմկիլ չուզող (մեծ հեշտամոլները ինքնաբուխ կորովով մը կը թուին կասեցնել այդ թուլացումը), [որ] [279] հակառակ նուաճուած ըլլալուն նոյն դեղնաւուն ժահրէն, փուշ­պսակի մը պէս կը շրջանակէր այդ փայլատ ու խարզած միսերը։ Մէջքին՝ թանկագին շալ, պարսկահիւս, ուր կապոյտին շերտերը տիրական էին, ափի մը կռնակով, իլաձեւ, ձեռք­ձեռք, բոլորն ալ դաշոյնի մոթիֆ մը կերպադրող, ու շեշտելով դաժան, հատու անոր անձին ընդհանուր հեղումը, տարօրէն դաշնաւորուելով մարդասպանի անոր բխումին։ Աւանդութիւն մը այդ շալը կը բերէր Արաբիայէն կամ Հնդկաստանէն, մեծ հօրը մէջքով, որ Սվազ էր գաղթած, իսլամը քարոզելու, բայց մեռած սրտին ցաւէն՝ քանի որ խալիֆային հողին վրայ կուսակալներ ու շահամոլ հաւատացեալներ կը պաշտպանէին անհաւատը։ Ու անոր փաթթոցը կու գար երրորդ գիծի՝ ֆէսի փոխարէն ուղտի [280] բրդահիւս գդակ մը գունաւորող։ Կանանչ՝ վերարկուն, բաց կարմիր վերտերով, անոր կռնակին ամբողջ Միջին Ասիան եւ Արաբիստան բեռնաւորած։ Գիծեր չէին ատոնք, այլ՝ մոթիֆ ներ, որոնց խստութիւնը այսօր ջնջուած է Պոլիսէն։ Արապեսք ը՝ իբր ոճ ու աւանդութիւն։ Ու զարհուրալից այս գունաւորման մէջ, որով ներքին մարդը ու ասոր արտաքին փաթաթը երբեմն այնքան սերտօրէն իրար կը լրացնեն, անոր հետ կը քալէր հեքիաթը անոր կարմիր կօշիկներուն, Պրուսայի մէջ անսովոր, փապուճի մօտ բան մը, կողերէն քիչ, կրունկէն քիչ, բայց քիթին վրայ հանգոյցով մը, մանրանկար ու ծալուած կնճիթի մը նման։ Բարձր այդ շէնքին ներքեւ այդ կարմիր ու մանրադիր նաւակները իրենց տէրը պտտցուցած ըլլալու էին արիւնի հեղեղին մէջ, որ ըսես կը մնար փակած, շաղախուած անոր ոտներուն՝ պերճախօս խորհրդանշան, փողոտուած վիզերու վրայ իր նե՜րկը առած։ Մեծղի, քիչ մը նեղ՝ դէպի գագաթը, այդ հասակը կարճցած, գեղջկական մինարէի մը կը նմանէր, քիչ մը առաջ հակած՝ ողնասիւնէն։ Թեւերը կռնակին վրայ, շեղակի հիւսած իրարու, այլանդակ այդ ծռութիւնը երբ կը մտնէր թաղէ մը ներս, կը ստեղծէր ամայութիւն։ Ու նման էր անիկա ան միւսներուն, շրջուն հսկաներ, որ ուղտի մը կմախքը յիշեցնող իրենց անհեթեթ մարմինովը կը թափառին, գեղէ գեղ, ուսերնուն պարկ մը։ Անոնց արհեստը, արու անասունները կռտելն է։ Մեծղի այդ թեւերուն ծայրը, անոնց տարօրէն զարգացած մատները առակի կարգ են անցած։ Ու նոյն անյեղլի պատկերին մէջ սառած է անոնց դէմքը, ուր ժպիտը պիտի չբուսնի երբեք։ Արեւը անոնց մորթը եփած, շագանակի ջուրին է դրած ` ընելով զանոնք սեւ ու վաղահասօրէն խորշոմոտ, վասնզի անոնց օրերը անցան ատամ ծամելով, երբ մալուելիք կենդանիներուն երկու զիստերը ջանացին զետեղել իրենց մէկ ափին, միւսով մեռցնելու համար ջիղը ամորձիքին։

 

Խոր ու նուաճող եղաւ անոր ազդեցութիւնը հազարապետ փաշային վրայ։ Արեւմտացած զարմէ, հաւանաբար սլաւ ծագումով Մեհմէտ Սիւրէյեա փաշան կատարելագործուած տիպարն էր այն ցեղային արտայայտութեան, որ կը համախառնէ, քանի մը դարու բնական ընտրողութեամբ մը, այնքան բազմազգի արիւններ, քրիստոնեայ առեւանգուած կիներէ կամ բռնի տաճկըցած արուներէ, եւ որ մեծ քաղաքներու պաշտօնէութիւնը, աւագանին կաղապարելէ ետք, քիչ­քիչ կը տարազէ նաեւ նոր օրերու թուրքը։ Շէյխ Սապիթը, իր մէկ հատիկ անձին վրայ կը հերքէր այս ամէնը` համադրելով իր կարգին ինչ որ ենիչէրիներէն իբր դէմք ու խժդժութիւն ծրարուած է մեր զգայութեանց խորը, ու Ասիայի եւ Ափրիկէի կիսավայրի նմոյշները թափառիկ ցեղերու։

 

Բարեւուեցան, արարողապաշտ ու ամբողջ։

 

Վասնզի անձնական բուռն տհաճութեան հակառակ, հազարապետ փաշան հաւատաւոր մըն էր ցեղային վարդապետութեան։ Ո՞ւր աւելի հարազատ է թուրքը իր սկզբնատիպ պատկերին, որքան այս կարգի նմոյշներու վրայ։ Որքան ատեն, որ այս դիմագիծը, այս կմախքը, մա՛նաւանդ այս ոգին ունէր գոյութիւն, թուրքը չէր վախնար իր պատմութենէն։ Ցեղային նորոգումի անմահ աւազան սա կիսավայրի անասնութիւնը, զոր հեռու է ուրանալէ ամէն թուրք, իր էութեան ամենախոր ալքերէն, նոյնիսկ սերունդէ սերունդ Եւրոպա ըրած, կամ արենային ընտելացումով մը, ասպարէզեան յարմարեցումներով գէթ արտաքնապէս, երբ իրեն կը ճարէ կիսակիրթ հոգի։ Բուն իրենց բառովը, էօզ [281] թուրքը, որ տափաստանին հուրքը, ջուրքը անշէջ կը պահէ իրենց կրակներուն մէջ, ապաստան էր գտած այդ մարդոց ներսը։ Ու զօրավար՝ ինչպէս դիւանագէտ, գրող՝ ինչպէս վարչական պաշտօնատար, թուրք աւագանին խուլ պատկառանք ունի այդ թանձր անասնութեանը հանդէպ իր ցեղային սկզբնածագ տիպարին։ Անկումի դարերուն, այդ աննահանջ հաստութիւնը փրկութեան աննահանջ կռուան մըն էր։ Կրօնքը վերի խաւերուն մէջ կարող էր թուլնալ կամ իսկական իր իմաստին վերադարձ ընել, այսինքն՝ շէյխերն ու պէյերը միսթիք առաքեալներու վերածել։ Այս այլասերումները դարմանելի կը նկատուէին, հերիք է, որ հոգին պահէր սա կարծրութիւնը, սաստը։ Մնաց որ, թուրք ազգայնականութիւնը, նորը՝ ինչպէս հինը, արաբական անտարբերութիւնը պետական դաւանանք է ըրած հանդէպ ցեղային երանգներու։

 

Շէյխ Սապիթը քաջատեղեակ էր քոմիթաճի ներու հարցին, Ստուգիչ յանձնաժողովին պատուակալ ու բոլորանուէր ու շատ գնահատուած մէկ անդամը ըլլալուն։ Պոլսառաք մարդոցմէ իր զգուշութիւնը զինքը պահեր էր հեռու պատուիրակ փաշայէն, որ, մոլեռանդութենէ աւելի տրամաբանութեան պէտք ունենալուն՝ մերժեր էր անոր ներկայութիւնը, երկու օր առաջ, իր քննութիւններուն արդիւնքէն յետոյ, լիակատար նիստի մը վերապահելով անխուսափելի մարդուն ծանօթացումը։

 

Շէյխը զարմանալի արագութեամբ մը, որ խոտոր կը համեմատէր անոր մարմինին հաստութեան, ինչպէս գլուխին, թափանցումը ըրաւ ժողովին աշխատանքին, հետապնդած նպատակներուն ու իւրացուց չըսուած, բայց ուրուաձեւուած տեսակէտները։ Վարակիչ բան էր մտածելու մէջ սա աշխուժութիւնը մարդու մը կողմէ, որուն ուղեղին ամբողջ լարուածքը գարշ ու թանձր ախորժակներու գոհացումը ունեցաւ իրեն զսպանակ։ Չեմ կրնար լայննալ դէպի անհատական անոր կեանքը, որ մինակը կէս հատոր կը լեցնէ, ու ատով՝ չի շրջանակուիր այս վէպին մէջ։ Սերմ, արիւն, ապականութիւն, վաւաշ ու անգթութիւն միայն արտածորող անոր ուղեղին մէջ ո՞ր հրաշքով տակաւին կը մնար խորշիկ մը, ընդունելու, մարսելու համար երկու մեծ գիտնական, քանի մը լեզուներ խօսող, գիրքերու հեղինակ փաշաներու քաղաքական բարձր հայեցողութիւնները։ Եղաւ այս հրաշքը սակայն, վասնզի անոր համրիչը լայն պարոյրով մը նստեցաւ կանանչ սեղանին, նշան՝ թէ տէրն էր կացութեան։ Անոր աչքերը դեղին ու խոր հանդարտութեամբ մը շողալ առին։ Բիբը կը սեւեռէր դէպի վար, իր սիրտին բունը։ Անիկա ո՛չ միայն հասկցած, այլեւ տեսած էր անոնցմէ անդին։ Գոհ ու երջանիկ էր, վասնզի Եւրոպա ըրած փաշաներ տարբեր չէին մտածեր կրօնքին ու ազգին թշնամիներուն դէմ, իրենցմէ, մայր հայրենիքին հողին մէջ աճած եւ ուռճացած փարթամ ուղեղներ, որոնց քաղաքական ըմբռնումը հաւասար կու գար համալսարան ըրած միւսներուն, ասոնց հետ պահանջելով բոլոր տարրերու բռնի իսլամացումը, ընդդիմութեան պարագային՝ բնաջնջումը, որպէսզի կազմուէր հզօր, միատարր բանակը՝ գրոհ տալու համար Արեւմուտք, տապալելով առաթուր, հող ու փոշի ընելով մահիկին բոլոր թշնամիները, ու սրբագրելով պատմութեան մեծ սխալը, որուն նուէրն էր այժմու Եւրոպան։ Այդ բանակը գլուխ պիտի հանէր ինչ որ արաբները չէին կրցած Փուաթիէի [282] դաշտին վրայ։ Այս երեւակայութիւնը, քաղաքական ըլլալէ աւելի՝ ոճրական, մինչեւ այսօր կը խանդավառէ բոլոր թուրքերը։

 

Անիկա իսկոյն վաւերացուց մահուան ծրագիրը։

 

Ատոր գործադրութիւնը ըլլալու էր արագ, վասնզի կարգ մը պարտականութիւններ յետաձգումով վնաս միայն կը գտնէին։ Ատոնցմէ՝ աղօթքի պահերուն հանդէպ անհաւատարմութիւնը։ Ատոնցմէ՝ մա՛նաւանդ, անհաւատը մաքրելու ղազա ն [283] ։ Ի՛նք, դահիճը։

 

-- Եղանա՞կը։

 

Հարցնողն էր արմտիքի վաճառականը, որ պարտաւոր էր ճամբայ հանել հարիւր ուղտ ցորեն եւ ուշացած էր շատ։

 

Շէյխը չափեց զայն, դեղին արհամարհանքով մը, որ արգահատանքի մը կը նմանէր։ Ու առանց խօսելու, համրիչը առաւ սեղանէն, ճօճեց, գլխափունջը փայփայեց, յօրանջեց ու կիսափակ աչքերով անցուց անոր դեղին ու խորտուբորտ օղակը միւս թեւին, որ դողաց։

 

Յօնքերու կիտումով ու բերնի թուլութեամբ գործադրուած այս շարժումը իմաստ ունէր անոր ընկերոջը` Օսման պէյին, որ անոր մտերմութեան խոստովանութիւնները չէր կրնար մոռնալ։ Աղօթքի, նուիրական զբաղմունքի սկիզբէն առաջ, վերարկուի լայն թեզանները յարդարող կրօնաւո՜ր՝ որմէ ա՛լ բնազդ դարձած մրմռուք կը թափի յաճախ, բարիին կամ չարին դէմը։ Թուրքերը մարդ մորթելու կը սկսին Ալլահին անունովը։ Համրիչի շարժո՜ւմ։ Զոր Օսման պէյին հաճ ժպիտը հասկցող նայուածքով մը դիմաւորեց։ Փաշաները մնացին անհաղորդ ուրուագծուած գաղտնիքէն։ Նոր օրերու գերիրապաշտ վիպող մը մատենադարանի գիրքերը հաղորդ պիտի ընէր այդ խորհուրդին` անոնց մէջ անհանգիստ բան մը խառնելով։

 

Երկու փաշաները մոռցա՞ծ՝ որոշումը։

 

Չհարցուցին սակայն իրարու։ Վասնզի շէյխ Սապիթին կրօնական խստութիւնը վարակիչ էր բոլորին համար հաւասարապէս։ Ժխտական զգացումներու հետ մենք շուտ կը հաղորդուինք։ Հասարակաց օրէնք է բամբասանքին խառնուիլ, առանց պատճառի։ Ուրիշը ատելու համար մեր անձնականութիւնը նուազ կը յոգնի, մինչ սիրելու համար կորով ու մեծութիւն է հարկաւոր։ Շէյխին շունչին մէջ մտնողը փորձը կ’առնէր անոր խստութեան։ Կան այդ մարդերը, մագնիսական զօրաւոր հեղումներով, որոնք մեր մէջ թաքուն, բայց ընդարձակ մազերակներ կը գտնեն ատելութեան։ Փաշաներուն խոհեմ ու դիւանագէտ որոճալէն աւելի, տպաւորիչ՝ շէյխին դէմքին վճռականութիւնը, որ լռին բորբոքում՝ աչքերուն մէջ արեան նուրբ ցանց մը եղաւ։ Ան ինքնակորո՜յս, մօրուքէն թելեր փետտելու չափ։ Չափանի՜շը իր զայրոյթին։ Կամաց­կամաց միւսներն ալ յարդարուեցան իրենց հոգիներէն, սա թելադրականութեան։ Ու պարզուեցաւ գրեթէ ինչ որ ուրուացած էր քիչ առաջ։ Շէյխին տագնապը, աղօթքի փշուրները, լայն ու դեղին յօրանջը դեր ունէին սա անհանգստութեան մէջ։ Հոգեւարքը, մենէ եօթը տուն վար, կ’ազդէ մեր վրայ։

 

Նոր քաղցուեղէն, Պրուսայի համբաւով դեղձէն։ Տեղական հելվա, կարկանդակի ձեւ, որուն կատարին՝ մահի՛կը, արիւնի գոյնով։ Թուրքերուն խոհանոցը անուշի հանդէպ հասած է մեծ նրբութիւններու։ Բերուածներուն նուաղուն համը ու անուշութիւնը, մա՛նաւանդ գգուող բուրումը մազի չափ բան չփոխեցին սակայն սիրտերէն։ Կ’ուտէին այդ մարդոց բերանները, բայց անոնց գանկին ներքեւ կարիճ մը կը յօրանար, կ’ուռենար։ Նոյն գերիրապաշտ վիպողը պիտի աւելցնէր նաեւ մատենադարանին տագնապը, ուրկէ հազարաւոր տարիներ   --պատմական էին մեծ մասը այդ գիրքերուն, թուրքերուն նախասիրած սեռէն, զոր յաճախ սուրով մշակեցին--  կը թուէին բացուիլ։ Ու փոշիին ու աճիւնին մէջէն, լխկած սունկերու նման, մեռել ու ողջ՝ ազգեր, թագաւորութիւններ, իշխաններ ու [իշխան]ուհիներ, աս քաղաքին փլատակներուն մէջ, որոնք խօսելու էին կամաց, երկու փաշաներուն՝ արեան առքին վրայ, այնքան տիրական բոլոր կիսակիրթ ժողովուրդներու ներսը, երբ ապրելու, հերկելու, շինելու տեղ, արշաւած, աւրած, կրակած էին միայն, դարերով։ Վիպասանին տարազները կ’ընդգրկեն թուրքը։ Այդ առքը չի հարցներ մեղք կամ վարձք։ Արիւն թափելու համար մարդ բնաւ պէտք չունի խելքի։ Ու թուրքին ուզածը, հետապնդածը այդ ծարաւն է արիւնին։ Որուն յաճախանքը, աւելի մռայլ գուցէ, քան սերմինը, աւելի անողոք, ահաւոր կը դառնայ, երբ ստիպուի դիմել բարուրանքի: [284] Վիճակ մը կայ, որուն պարագրկումը վեր է մեր կարողութենէն, ատիկա՝ անգէտ զոհին մօտ դահիճին վարանոտ հոգեկանութի՛ւնը, երբ դեռ մեր խորագոյն անձնականութեան réflexeները նոր կը դղրդուին ու չեն գիտեր ինչ բանի կը լարեն մեզ։

 

Յոգնեցան սակայն։ Ու կը վախնային ատիկա յայտնել իրարու։

 

Բաժնուելէ առաջ, երկու փաշաները հաշտուեցան սակայն անհանգիստ այդ ոլորտին ու եղան աւելի քան սիրալիր երկու կրօնականներուն։ Արմտիքի վաճառականին հեռացո՞ւմը՝ պատճառ սա հասկացողութեան։ Ո՞վ ինչ գիտէ օրէնքներէն, որ կը վարեն մեր հոգիները, Գերմանիա ըրած կամ թէքքէ պահած մեր հոգիները, երբ ասոնք արեան ձգողութեան են ինկած։ Գոյացաւ լիակատար համաձայնութիւն, շէյխ Սապիթին իրիկնային պարտականութեան, անկէ պահանջուած միջոցներուն մասին։ Երկու փաշաները իրենց բաժին հանեցին մնացեալին կարգադրութիւնը, որ թրքական տարազ չէ, այլ՝ դիւանագիտական աշխատանք։ Դատարան, հիւպատոսական մարմին, մերհասա էֆէնտին, Սուքիաս էֆէնտին, քոմիթաճի ներուն հաւանական հետապնդումը, իրենց անյա՜յտ ընկերներէն, կարելի բարդութիւնները կը կազմէին, որոնց կարգադրութիւնը նոյնքան հայրենասիրական պարտականութիւն էր` դրուած ուսերուն երկու փաշաներուն։ Այս ակօսով, անոնք իրար կը լրացնէին։ Հասարակ ոճրագործի սա ճկունութիւնը, որ քանի մը նշմարով, կոպի ու մատի շարժումներով իրարու կը հաղորդէ քիչ յետոյ կատարուելիք խորհուրդը, չի զարմացներ հոս։ Վասնզի Գերմանիա ընելը մեր համազգեստը կրնայ փոխել։ Կրնայ նոյնիսկ մեր դիմագիծը զսպել, մեր աչքերուն հարկադրելով վերապահ ու խորամանկ candeur մը։ Բայց չի կրնար ջնջել մեր միսերուն մէջ բազմամիլիոն բջիջներով կառուցուած գազանը, որ երկու հազար տարի արիւն հոտուըտաց, անապատէն մինչեւ փարթամ պալատները Արեւմուտքին։ Թրքութիւնը այդ բջիջները կ’ապրի ոեւէ ժողովուրդէ աւելի պարզութեամբ։ Արիւնը անոնց աչքին սնունդն է տակաւին այսօր։ Հինգ դար, անոնք լողացին այդ կարմիր հեղուկին մէջ, տառացի բացատրութեամբ մը։

 

Հազարապետ փաշային ջերմ ու կրկնուած յանձնարարութիւնն էր տպաւորիչ, պղտորիչ ընծայել տեսարանը, որուն շուրջ դիզուած հոգեբանական տուեալներուն անիկա կը հաւատար գիտունի պարզութեամբ ու թուրքի միամտութեամբ։ Ոստիկանական մեծ պաշտօններ անոր մէջ չէին փոխած այդ թերածնունդ տկարութիւնը մտածող մեքենային։ «Մէկ կողմերնին պարապ» որակած է մեր ժողովուրդը թուրքին այս թերութիւնը։ …Սողոմին ջիղերը կակուղ էին տակաւին ու փաշային հաւատքը ամուր էր անոնց վրայ գործադրուած սա շահադիտական անողորմ արարքին։ Ամենավայրագ մահով մը, ընկերներուն վրայ, Սողոմը պիտի խոստովանէր ինչ որ եփած, կրացած միւսներէն անկարելի էր եղած ստանալ։

 

Այսպէս ճշդուած, ճշգրտուած, սազուած ու աղուորցած, որովհետեւ գիտական ծրագրումն ալ դեր ունէր կատարելիք, Ոճիրը, թող ներուի այս գլխագիրը, պաղ, զուսպ, սնգուրուած՝ բացաւ դուռը քոմանտան փաշային մատենադարանին։

 

Շէյխ Սապիթն ու Օսման պէյը ճամբու դրուեցան ընթացիկ ու քաղաքավար արարմունքներով։ Անոնք կառավարական պալատին դէմ Քառսուն Նարկիլէներու սրճարանը պիտի առնէին իրենց իրիկնամուտի ժամանցը, մինչեւ արեւմուտի էզան ը։ Որմէ յետոյ, քառսուն փողրակնոց անոր աղբիւրին մէջ պիտի լուային ոտները, ձեռքերը, գանկը, խղճմտանքը, [285] մատուցանէին մօտիկ մեսճիտ ի [286] մը մէջ երեկոյեան աղօթքը ու դառնային սրբազան պարտականութեան։ Միւսթանթիգ էֆէնտին դուրս էր ձգուած այդ կարգադրութիւններէն։ Շատ խօսիլը միշտ վնաս ունի, արձակ գործերու մէջ անգամ, ո՛ւր մնաց արիւնին մէջ։

 

Շշուկով, յօնքով, մատով, թարթիչով փոխանակուած այս որոշումներէն վերջը պատուիրակ փաշան առաջնորդուեցաւ վերնայարկ, ուր թեթեւ նախընթրիքէ մը ետքը, ընտանեկան հաւաքոյթ­ժամանցի մը համար ծրագիր կար անցնիլ Ջերմուկները, քոմանտան փաշային անձնական ապարանքը։

 

Սանդուխի գլխուն, եբենոս գործակատար­պահակին միջոցով հրահանգ գնաց բանտարկեալները տանող­բերող սպային պտտցնել զանոնք մինչեւ էզան ։ Հրահանգը կ’արգիլէր դուրսէն մարդոց խօսիլը, հայերուն հետ։ Յետոյ՝ մութին հետ առաջնորդել զանոնք թակոյկներուն սենեակը։ Արեւը կառոյցներուն վերնամասին կը յամառէր աշնանային իր աղուորութեանը մէջ։

 

Ժամ մը ամբողջ, իրենց շղթաներէն սայթաքուն, երեք հայերը ժուռ ածուեցան բանտին զանազան ճամբաներէն։ Շղթաներուն աւելորդ մարմինը, երկարատեւ նստուկ կեանքը, ծեծին հետեւանք անոնց ոսկորներուն վրայ ցաւագին բաբախումները, լոյսին ու բաց օդին մսեցնող ու ատով անախորժ ողողումը [287] այս պտոյտին կու տային անսովոր ու նուրբ անգթութիւն մը։ Անօթութիւնը, մատենադարանին կծու հոտերը, առանձնանալու, երկննալու, քնանալու, չըլլալո՜ւ ստիպողական պահանջ մը կը լրացնէին [288] այս տառապանքին լռելեայն մասն ալ։ Միւս կողմէ՝ մահուան տեսակ մը մահոլորտ հեռազգայութիւն մը զանոնք կ’ընէր տարօրէն թրթռուն կեանքի ամէն մէկ ծուէնի անցքին, այն նրբենի ապրումներուն, որոնք չենք տեսներ բազմազբաղ ու հաստ մեր ազատութեանը մէջ եւ որոնք կը փափկանան, անակնկալ լարերէ մեր մէջ հոսելով։ Ապարանքի բակէն անոնց ելքը խաչաձեւուած էր քոմանտան փաշային աղջկանը տեսիլքով։ Տեսի՜լք։ Վասնզի երեքն ալ տարօրէն ցնցուեցան անոր մատաղ ու միամիտ աչքերէն։ Աւելի՝ գալարագին բան մը հոսեցաւ իրենց, տաք ու ցաւոտ, զոր սեռին մագնիսը կը ծորէ իրմէ։ Դէմքին տեսակ մը դալուկ, զոր յուզումը չէր յաջողած վիրաւորել։ Մէկդի, հաւանաբար զինուորներուն շունչէն, Եղնիկը դիտեր էր երեքն ալ փոխն ի փոխ` սեւեռելու համար Սողոմենց տղան, ամուր ու պարզ։ Ելքի ճակտին, սիրուն տաղաւար մը, որուն բարձրադիր աւազանէն ջուրի սիւնակներ, ծռուած գագաթով մոմերու նման, կախ էին փողրակներէն։ Եղնիկին մօրը միջնորդութեամբ բանտարկեալները արտօնուեցան ջուր խմելու։ Աղջկան պատկե՛րը, այդ մայրը, աւելի հաստ, աւելի տրտում, բայց նայուածքին մէջ եփուն ու խոր բանով մը, որ կինը կը զատէ տհաս ձեւէն, աղջիկէն։ Գլխուն էշարփ ի [289] մօտ վառ մը, ճաշակով, որ կը ծածկէր մազերը, բայց կ՚արտայայտէր մորթին տարօրէն քնքուշ յոգնութիւնը։ Ան ալ սեւեռեց բանտարկեալները, բայց տաք, գորովոտ աչքերով։ Յետոյ քալեցին։ Անոր աղջիկը հագուած էր մեղրագոյն ադլասէ վերարկու, ոսկի թելերով նե[ա]րդաւոր ու պճնազարդ։ Մուշտակ օձիքին մէջ անոր դէմքը կը թուէր փորագրուած, դուրսէն բերուած ու դրուած անոր ուսերուն։ Մաթիկ Մելիքխանեանցը յիշեց Մոսկուայի դալուկ, բայց տարօրէն հագուած օրիորդները, ազնւուհին՝ ինչպէս ցնծուհին, նայուածքի բացութեամբ միայն զանազանելի։ …Անցան զօրանոցը, որուն պատուհաններէն գլուխներ, ո՛չ դալուկ, ոչ ալ փափուկ, զանոնք սեւեռեցին, այս անգամ երկաթ նայուածքներով։ Որուն չորս դուռներուն դէմօք, մեծկակ կրակարաններ՝ ածուխով բեռնաւոր, սպաներուն համար անշուշտ։ Իւրաքանչիւրին առջին, զինուոր մը, կոկոզ, պուկը ուռեցնելով, արծարծելու համար պտիկ մը կրակը, զոր ոճրագործը [290] հազար դժկամութեամբ կու տար այդ մարդոց, բայց կու տար հացին հոգովը։ …Մոխիրնոցին առջեւ անոնք ստեղծեցին որոշ հետաքրքրութիւն, ընդունեցին բարեւ ու բացագանչութիւն։ Մուշտակագործ Ղազարոս էֆէնտիին անունը տրուեցաւ, բայց դէմքը չերեւաց։ Ոստիկաններ, հոտ առնող շուներու շեշտութեամբը։ Ու միջոցին վրայէն, աչքէ աչք կամ մատէ մատ խօսելու ձեւ մը, որով վտանգը կը հիւսուի մեր ջիղերն ի վար, երբ կապուած կը քալենք զինուած մարդերու առջեւէն։ …Դարձան ետ։ Շեղեցան դէպի անցքը խօսարանին, որուն սանդուխի գլուխէն պահակը փութաց դէպի սպան։ Կարճ խօսակցութիւն, որմէ բառ չելաւ դուրս։ Զինուորները տհաճութեամբ կը հանդուրժէին այս անիմաստ շրջագայութիւնը, միւս կողմէ՝ իրենց իմաստութեան մէջ հիւսելով հեքիաթներ, այդ խօսակցութիւնը բացատրող։ Պահակը (խօսարանին) փաշային ապարանքը կը մտնէր ու կ’ելլէր, ծերուկի ընտանութեամբ։ Բայց անշուշտ սպային կը պատմէր սա պահուն, Եղնիկին վրայով, քանի որ զինուորին համար մարզանքէն յետոյ աշխարհը կ’ամփոփուէր աղջիկներու շրջազգեստին մէջ։ Կարճ խօսակցութիւնը կ’երկննար, զինուորներուն վախկոտ հազէն առանց ազդուելու։ Ծերունի պահակը քիթով ու մորթով կը խօսէր ու իր պաշտօնը կը պարտէր լեզուի այդ կատարելութեան։ Արեւը քաշուած էր բոլորովին, կիսամութ, տխուր, չարագուշակ շղարշի մէջ պատնէշելով [291] հսկայ կառոյցները, անոնց պատերուն տակով ածուները ընելով գերեզմանական գորշութեամբ, մութը՝ մոխիր, ու ոստերը՝ մեռելի ոսկոր։ …Իջաւ սպան սանդուխէն։ Խումբը դարձաւ ետ։ Հո՛վ։ Պաղ, բարակ, մարդկային շրթներով, ու խորունկ։ Սպային ակնարկը ցոյց տուաւ փաշային ապարանքը, որուն շրջանը ըրին բանտարկեալները, ցաւէն ու յոգնութենէն վեր հոգեկան վիճակով մը։ Վերջալոյսը սկսած էր անոնց գլխուն վրայ։ Կարմիր գիծեր, դեղնախառն գետի մը քմայոտ մարմինին նման ձգուեր էին տժգունած կապոյտին վրայ, խառն ի խուռն, ինչպէս կը ձգուին մեր ալ ներսը մեր յուզումները։ Ճիչերը՝ քիչ: [292] Բանտին անձաւներէն երգը կը մխար, բայց չէր ճշդուեր։ Կառք մը դղրդեցաւ պալատին մեծ սալարկին վրայ։ Կատու մը անցաւ՝ կտրելով անոնց գիծը։ Սեւ էր կենդանին ու Սողոմը սարսռաց։ Նախապաշարումը գէշ կը մեկնէ այդ կերպ կտրուիլ մը։ …Դարձդարձիկ այս երթեւեկին կարեւոր դէպքը չորս­հինգ անգամ խումբին խաչաձեւումն էր պտոյտի ելած մարդուն աղջիկէն։ Երեւոյթը այնքան յատկանշական ըլլալու էր, որ զինուորներուն անիմաստ ուղեղին մէջ իմաստի ելաւ։ Խօսարանին պահա՜կը։ Հին նոխա՜զը։ Որ զուր տեղը հաճելի չէր հանըմին։ Ո՜ր եղնիկը անտարբեր է որսորդին։ Յիսնապետ տեղակալը անոնց հանդիպումը ընդունած էր լուրջ ու կիսաժպիտ` գերմանական իր պեխերուն ցցունքը նորոգելով ամէն անգամուն։ Ո՞ր աղջիկը անտարբեր՝ փայլուն մորթին ու շքեղ պեխին։

 

Տարօրինակ սա շրջագայո՜ւմը։

 

Որ, յուղարկաւոր իր տրտմութեան ու դանդաղութեան մէջ Մաթիկին համար անսովոր զգայութիւններ, բռնկումներ կը հանէր, տեսարանէ ու դէմքէ։ Ի՛նչ հրաշքով, ասիական աս պատկերները անոր մէջ կը գտնէին այդ անակնկալ արձագանգը, որպէսզի անիկա անդիմադրելի խուժումին տակն իյնար իր մանկութեան, աղքատիկ իր մօրը ձեռքէն կախուած, երբ կը պտտէին [293] այսպէս հեռաւոր Կովկասի մէկ գեղին փողոցներէն, այդ վերջալոյսին ու այդ տրտմութեանց մէջէն, իրական բալիկ, ամրօրէն պաշտպանուած որբեւայրի այդ կնիկէն, որ կը դողար անոր արեւուն, ու հօրը մահը լալու ատենը, արցունքները կը չորցնէր իր որբի մազերուն, ու կը համբուրէր պաղ իր թուշերը, կրակ­կրակ շրթներով։ …Որ հիմա, իր կուրցած պառաւութեան մէջ --այրիներուն մեծ դժբախտութիւնը, լացին զոհել իրենց աչքին լոյսը--  ով գիտէ սեւ ի՜նչ դողերով, սա պահուն, կ ’ոգեկոչէր իր ամուսինը, գովքի մը դողերուն վրայով, ու նոյն սարսուռով իր անվախճան գիշերին կը հասցնէր զաւակը, հովէն ու մութէն պահանջելով բալիկ Մաթիկը։ Ո՜վ մեր մայրերը։ Ձեր երիտասարդութիւնը զարնող ցաւերէն մեծագոյնը մեր ձեռքով ձեզի հասցուած աս անպարագիծ կսկիծն է եղեր։ Ներեցէք մեզի, որ ձեր սիրտերուն տարածէն հարիւր հեղ աւելի դրինք ձեր վրայ։ Վասնզի չբաւեց ձեզ ձեր այրիութիւնը, երբ քսանհինգ չմտած ձեր փէշերը կարեցիք աշխարհին համերուն վրայ, թաղեցիք ձեր էրիկները, լալ իսկ չկրնալով ու չորս­հինգ տղու անօթի ոսկորները ունեցաք ձեր մեռած ստինքներուն մշտապէս փակած։ Աւելի՛ն. ձեզ ըրինք միշտ, միշտ թաղողներ, նո՛յնիսկ երբ անցանք վտանգի տարիքը, պատանի եղանք ու երիտասարդ, ձեզ լքելու համար ձեր բոլոր յոյսերուն մէջ ու աղաչանքին մէջ ու իջանք կրկէսը անլուր կռիւին, մութ, յուսահատ մեր մեծ կռիւին։ Դուք տարիք այս մահերն ալ։ Ու աւելի՜ն…։ Բայց պէտք է քալել։ Ու քալել Մաթիկին հետ։ Որ քաղցր, պատանի, ու աղջկանը տարիքէն, հոգիով անհուն, ուսանող ու տարուած, այրեցաւ այդքան կանուխէն կրակովը իր ցեղին անհաս խորհուրդին։ …Ուրիշ ժողովուրդներու մէջ իր ցեղին կաթիլը ընդհանրապէս զգալի կ’ըլլայ պատանիէն վերջը, երիտասարդին։ Մեր մէջ կարգը շրջուած է, խռովքը, խելամուտը, տրտմութիւնը ու ատոնց անդրադարձը մեզ կը գտնեն պատանութեան դուռներուն։ Կը խորհիմ, թէ ընկեր Մաթիկն ալ նման էր մեզի, այդ անորակելի տարիքին, երբ առաջին անգամ զգաց իր ցեղը, իբր անցեալ ու ներկայ բռնկում։ Պէտք է քալել ու շարժում պատմել, որպէսզի թերթօնը տաքնայ, ու թողուլ բոլոր Մաթիկներուն հոգին այդպէս հպանցուած ու փակ…։ Եղե՞ր էր ան, երբեւիցէ, ազատ երիտասարդ, հեռու Կովկասին [294], որ զգլխանքի օր մը, անորակելի ձայներէ հրուած, թաւալգլոր ինկեր էր Մոսկուայէն Թիֆլիս, մկրտուեր` անցնելու համար սահմանը…։ Դժբախտութիւն է, որ վիպողը զոհէ անցեալները, մնալու համար ներկայի մը օղակին մէջ, ինչպէս կեանքի ծովին մէջ նետուած արկածաւոր մը…։ Կը քալէին անոնք երեքով։ Ու անոր անցեալը, մութին մէջ վառող փայլակին նման՝ կը բացուէր ու կը գոցուէր, զինքը ընելով տատանող, քաղցր, թուլիկ ու ողջ մեռել, որ երջանիկ է, խուսափուկ ներդաշնակութեամբ մը երկու աշխարհներու։ Իր քայլերուն տակ, բակերուն խոշոր սալերը ըսես կը հալածուէին իրենց թրքութենէն։ Մշուշ մը, քաղցր ու ջերմիկ, քիչ­քիչ կ’առնէր իրերէն իրենց շրջագիծը, [295] կ’աղաւաղէր, բայց չէր սեւցներ, ինչպէս կը պատահի ասիկա կարգ մը երազներու մէջ, որոնց իրականութիւնը չենք կրնար հերքել։ Տղայ մը անցաւ իրենց մօտիկէն, հաւանաբար որբ մը, զինուորականի, վասնզի տաբատը պետական կերպասէ կտրուած կը թուէր։ Ցուրտը զարկած էր անոր այտերուն, [296] ու շրթներուն՝ [297] շերտ մը հաց, սեւ ու խոց­խոց…։ Մաթիկին քիմքին՝ անպատմելի զգայութիւնը, շատ հին օրերէն հեքիաթի մը, որ կը պատմէ մոխիրի համը, մոխիրէ շինուած բաղարջի մը, աղքատ, շատ աղքատ ու կուրցած պառաւի մը հիւղակին խորը, երբ անոր պանդուխտ որդին կը դառնար հայրենի տունը, քամարը լեցուն, բայց մարմինը չուառ, նստելու օճախի կուշտին, ուտելու համար մօրկանը բաղարջէն, [298] մոխիրով ու արցունքով շաղուըւած բաղարջէն, հաւանաբար խոց­խոց, ինչպէս շերտը սա որբին բերնին։ Անոր լեզուին վրայ եղաւ նորէն աղի հին կծումը։ …Տարին պատկերը։ Տարին Մաթիկին մանկութիւնը։ …Կը քալէին։ Ու այս անգամ ինք հեքիաթին մէկ ուրիշ որբն էր, խորթ հօրը կողմէ փողոց նետուած, փնտռելու Աստուածը, անկէ ուզելու համար կուշտկեկ սեղան մը, տաքուկ անկողին ու բարի պապա մը։ Հեքիաթը այդ ճամբան կ’ընէր ասոր պէս բան մը, այսպէս հսկայ ու մռայլ շէնքերով կտրտուած, դարձդարձիկ ու պաղ, հովոտ, պատուհաններուն տարեկից աղջիկներ դնելով, որոնք հաց ու անկողին ու հայրիկ ունէին, ինչպէս կը կարդացուէր անոնց աչքերէն…։ Տարին այդ հեքիաթն ալ, ու անոր կապուած խորունկ զրկանքի զգայութիւնը, որ մօրկանը համբոյրովը կը զովանար։ …Անոր մայրը չէր կարգուած՝ խորթ այդ պապան խնայելու համար իր զաւկըներուն… ։ Քալեցին կրկին։ Ծերունի մը, թաշկինակով ականջները փաթթած, նայեցաւ իրենց մռլտալէն։ Կ’անիծէ՞ր, թէ կը հայհոյէր։ Եմէնէն իր տղուն մահը գուժեր էին իրեն ու տուած պզտիկ ծրար մը բան, որ անութին էր այդ պահուն ու կը պարունակէր մեռնողին թուղթերը ու անձնական առարկաները, նահատակութիւնը վաւերացնող։ Ծերունին կը մռլտար, հաւանաբար չլալու համար, թէեւ աչքերը չորցած, կռնծած էին գործին հետ։ Ու արգելք ալ կար, պաշտօնատուններու շրջանակին՝ արցունքով խռովելու փափուկ սիրտերը դիւանի պէյերուն, էֆէնտիներուն, այդպէս կոկիկ ու մաքուր, իրենց բազկաթոռներուն, մազերուն խազը աղջիկի պէս բաց։ Մինչ իր մէկ հատիկը    -չէր կրցած արժեւորել միամօր որդիները զինուորութենէ զերծ պահող իր իրաւունքը, երկրորդ կնոջը բերած մէկ էֆէնտիին գնովը--   Արաբիստանի աւազներուն մէջ գերեզմանի անգամ չէր արժանացած, անապատէն ներս անյայտ կորսուելով, զոհ գացած՝ պետեւիներու դաւին, որոնք թուրք զինուորները խաբելով կը տանէին ներս, աւազաստանի մէկ չոր գետակին յատակը ու կ’ըլլային անհետ, անօթութեան, ծարաւին ու գազաններուն ձգելով զանոնք մաքրելու հոգը, երբ իրենց խիղճը արգիլէր արիւնը…։ Ու կը քալէին հայ տղաքը, ծերունիին ետեւէն, անշուշտ անոր զաւկին նման ոչ դէպի աւազները, այլ՝ երկրին յատակը…։ Մաթիկին ուզածնե՞րը։ Շատ ու շատ բաներ…։ Ամէնէն եղերականը, թերեւս, շրթները սա աղջիկին, դալուկ՝ ինչպէս նիհար սատափ մը, բայց այնքան իրա՜ւ։ Ո՜վ մեր թշուառութիւնը մահուան այսքան մօտ։ Ու մեր ախորժակները։ Անոր կարօտը՝ սա ձգուելիք աշխարհէն (հետզհետէ կը խորանար իր մէջ ստուգութիւնը մահուան պատգամին, պատուիրակ փաշային մեղմ բանաձեւէն, որ կը ծանրանար, կը յստականար, բայց չէր նեղեր։ Աւելի տարօրինակը՝ այդ թրքութեան մեղմացումն էր իր ջիղերուն ցանցէն։ Ըսես կը հաշտուէր մարդերէն վեր բանի մը հետ), որմէ հեռանալը կամ որուն փարիլը իրեն կը թուէին նոյն կարօտին զոյգ երեսները։ Անմուրատ, զուր տեղը մեռնող տղո՞ւ ըղձաւորութիւն։ Ո՜վ ինչ գիտէ, թէ ինչ կ’ուզեն մեր սիրտին հազարով թելերը, փրթելէ առաջ։ Դուրսէն մեզի յարդարուած հոգեւարքը ունի այս հոյակապ պայծառութիւնները։ Գիտակցութենէն անդին ջրհեղեղ մըն է ասիկա, երբ մեր փոքր եսին սահմանները կը պատռին ու մեր վրայ կը խուժէ անբաւ աշխարհը յուզումներուն, զգայութիւններուն, որոնք կազմեցին մեր օրերը, ծուէն­ծուէն, առանց մեր մասնակցութեան։ Ողջակէզէն առաջ մեր տարիները կնդրուկի կայլակի մը պէս կ’այրին մեր սիրտի անտես բուրվառին։

 

Երեքէն՝ եղկելի՛ն, Սողոմը նորէն։ Վասնզի իր շղթան կը կրէր միւսներէն դժուար։ Ու չէր հաշտուած մահուան հետ, մոռցած գրեթէ իր ոճիրը, իր հայ ըլլալը, սա բանտին երախին։ Գրաւուա՞ծ՝ յամեցող պատկերովը աղջկան։ Անկիւնադարձի մը, անիկա տեսաւ սեւամորթ գործակատարը, աղջկան ետեւէն, ուշադիր ու խիստ։ Թեւը տուած դեղձի մը կարճ ոստին՝ Եղնիկը կը թուէր երազել, ապահովաբար գեղանի սպային անցքը սպասող իր միամտութիւնը ծածկելու համար սրատես զինուորներու թափանցումէն, որոնք հազիւ կը զսպէին իրենց ցանկութիւնը անոր վրայ նետուելու եւ հում­հում կրծելու անոր այտերը։ Այսպէս է շինուած այս կեանքը։

 

Սողոմը ջանաց ամրապնդել իր քայլերը։ Անիկա այցուած էր ժամ մը առաջուան շուարուն իր հոգեվիճակէն, երբ այդ սեւ մարդը իրեն խօսեր էր փոքր, տխուր, խղճմտանքը ծակող, բայց նոյն ատեն մութ ալ բաներ, զինքը սիրող անձերու բերնով։ Իր սուզումին մէջ անիկա չտեսաւ ճիւղ մը, ծառէ մը, որ դպաւ ականջին ` զինքը կանչելով իրերուն աշխարհը։

 

Քանիերո՜րդ անգամն ըլլալով անոնք հանդիպումը ըրին այդ աղջկան, հետզհետէ աւելի տրտում ու յոգնած, բայց բռնկած հոգիով։ Արեւը երկինքի երեսին մուրի մօտ բան մը եղած էր արդէն, ամպիկներու քամակին, անորոշ գոյներու խաղ մը պտտցնելով ազատ այդ դաշտերուն վրայ։ Պաղը՝ կրկին, բանալով իր պահեստները սա հսկայական պատերէն ու ժողվելով իր թեւերը հողէն, սալերէն, ջուրէն։ Երկար ատենէ ի վեր բաց օդէն բաժնուած, բանտարկեալները գրեթէ կը դողային, ծիծաղը շարժելու չափ զինուորներուն, առողջ, անզգայ, ցուրտէն ու շոգէն հաւասարապէս վեր։ …Ու ասիկա այսպէս, մինչեւ որ մղձուկ մինարէէն փրթաւ երեկոյեան աղօթքը.

-- Ալլա՜հ էքպէր, Ալլա՜հ էքպէր…

 

Որ թարգմանի՝

«Բարձրեալն Աստուա՜ծ»…

 

Այո՜։ Մեծ, մեծագոյն Աստուածը, որ սա մունետիկին բերնովը հրամանը կու տար հանդարտ ու քաղցրանուագ ոճիրին։ Որ ըրած է այդ բանը այնքան հազար անգամներ, այնքան հազար տեղերու վրայ, աւելի հոյակապ նուագներով։

 

Ձայնին հետ, որ բանտարկեալները գտաւ գեղեցիկ արիշի մը ներքեւ, բուսաւ խումբը ժանտարմաներու, բոլորն ալ մէկ մկրատէ ելած հասակներով։ Ա՛լ սեւնալու վրայ՝ օդին մէջ, անոնց դէմքերուն զանազանութիւնը կը տարտամէր համազգեստին հաւասարիչ միւս սեւին մէջ։ Այդ հսկայ կոյտերուն վրայ՝ պեխը քիչ։ Մոնկոլագիծ այտեր։ Դաժանէն անդին բանով մը, պիրկ, լուրջ, անխօս։ Ո՞վ զատեր էր այս մարդիկը։

 

Ասոնց տասնապետը, կէս թիզով աւելի, դահիճի դասական տիպարը արթնցուց Սողոմին մտքին։ Արեւելքի մէջ դարերով այդ մարդը շփոթուած է հոգէառին հետ, որ սա տասնապետներուն մարմինը ունի ժամուն պատի նկարներուն, աւելի՝ երեք կամ եօթն ալ թեւեր ու անդամներու իւրաքանչիւր խաղին ալ մէյ­մէկ աչք, բացի ճակտի կեդրոնին մեծ աչքէն։ Հեքիաթն ալ հաճոյքով կը ծանրանայ դահիճին դիմագիծին, երբ աղջիկներուն, աւելի՝ կիներուն մազերը թեւին հիւսած, աջով կը կոխէ սուրը անոնց ծոծրակին։ …Սա պահուն այդ տասնապետը իր հասակէն աւելի կը թուէր, թերեւս առնելով այդ աւելին հեքիաթէն կամ իր իսկ թողած տպաւորութենէն։ Խօսեցաւ անիկա իր մարդոց, հայերէն անլսելի չափով ցած։ Խորհրդակցութի՞ւն։ Չէր կարելի մտածման բաժին դնել սա գլուխներուն կեդրոնացումին մէջ, որ այդ խումբը կ’ընէր այդքան տարօրէն խռով ու հանդարտ նոյն կեցուածքին վրայ։ Մահուան շո՞ւքը, թուրքին առհաւական հեշտա՞նքը։ Կտրուկ, տասնապետը հրամայեց. [299]

 

--Առա՛ջ։

 

Սպան կը պակսէր, թերեւս յանուն գերմանական կարգապահութեան։

 

Ժանտարմաները, թիւով տասը, զինուորական շարժումով, դարձան իրենց կրունկներուն։ Արագ, անոնք զուգահեռ գիծեր եղան բանտարկեալներուն երկու քովերէն։ Անոնց յաղթ մարմինները կը խղդէին միւսներուն արդէն քիչ, յուզումով աւելի քիչցած ձեւերը։

 

Անցքը՝ նեղ։ Հրաման մը կալանաւորները ետեւ ետեւի շարեց։ Ժանտարմաները, առանց խօսելու, երկաթի պէս պաղ մատներով շինեցին այդ գիծը՝ ամուր բռնելով տղոցը ձեռքէն։ Լոյսը ա՛լ պակաս էր բացերէն։ Պատերուն ու քիւերուն տակերը արդէն մտեր էին [300] սեւին մէջ։

 

Ուրկէ՞ ճանչցան, որ առեր էին մոխիրնոցին ուղղութիւնը։ Նուաղ ձայներ կը հասնէին սակայն իրենց, տրտում ու բոլորովին թարմ սիրերգէ մը։ Խոր ու սրտառուչ եղանակ մըն էր, [որ] [301] ամիս մը առաջ բուսած էր քաղաքին մէջ, եղերական մահ մը դրուատող։ Սողոմը յիշեց Նալպանտենց հարսը, ու սարսռաց։ Վասնզի երգին մէջ կը պատմուէր իր աղէտին յար եւ նման պատահար մը, նոր հարսի մը գլխուն թափող, երբ հարսնուկը գութ կը պաղատէր փորի անմեղին համար, բայց կը դաշունուէր։ Զինուորութենէ դարձած երիտասարդ մըն էր ոճրագործը, որուն նշանածը չէր սպասած, ու ամուսնացած թէ առանց ատոր յղի մնացած, այդ կէտը կը մնար անյայտ, բայց հարսնուկը կը մեռնէր, այդպէս պաղատելով գո՜ւթ, գո՜ւթ՝ փորի անմեղին…։ …։

 

Խումբը շեղեցաւ։

 

Անցքը հատեր էր ցածուկ կամարի մը տակ, մզկիթներու դուռներուն վրայ կլորցող բան մը յիշեցնող։ Կէս ժամ առաջ կալանաւորները անցեր էին ատկէ։ Ու կէս ժամ վերջը, շրջապատին վրայ կը յամենար կիսածանօթ այն հովը, որով տեղաւորուած են մեր մէջ անգամ մը տեսնուած պատկերները։ Արեւին լոյսը բոլորովին անզօր՝ պարզելու տեսարան մը անձնաւորող մանրամասնութիւնները, թէեւ սիւնէ սիւն, երկաթ ձողերը կամարին ոտքերը բռնող երկկողմանի պատուանդանները դեռ մաս մը գիծ կը պահէին անվթար։ Խոշոր մարմարներուն վրայ երկաթ կրունկներու զարկը սիրտի կը դպէր։

 

Ու լռութիւն։

 

Գարավանա ն նոր լակած շրթներուն գարշահոտ սոխրացը [302] ։ Գովուշ ին կաշեբոյր, նոխազային կծուութիւնը։ Ժանգի, գազանութեան համախառնուրդ աշխած հով մը, քրտինքէն տարբեր այն գէշ ու նենգ հոտը, որով կարգ մը վայրեր կը տեղաւորուին մեր ռունգերուն։ Ժանտարմաներէն մէկուն բերանէն թանձր աղտի պէս կպչուն բան մը, տակաւին, օխա մը սխտորէ խուսափող գոլ, որ կը թուէր հեւալ ու մխալ, այնքան ակռաներուն ժահրը եւ շունչին ու հոգիին թոյնը կը մասնաւորէին համը [303] այդ հեւուքին, նեղելով, քիչցնելով արդէն կիսաբորբոս օդը սա չայցուած կամարին։ Բանտին փայտանո՞ցը։ Ածխանո՞ցը։ …Սպանդանո՞ցը։

 

-- Հայտէ, Սիւլէյման։

 

Սողոմը գլուխը դարձուց։

 

Հասնողն էր ուրիշ մը, հաւանաբար ան ալ Սիւլէյման մը։

 

Վաւերական հսկայ մը, համաչափ սակայն, ըմբիշի փարթամ կազմով։

 

--Ուշացար, Սիւլէյման փէյլիվան [304] ։

 

Ըմբիշը չպատասխանեց։ Քրտնած կը թուէր, աճապարելուն։ Ու անոր շնչառութեան կշռոյթը լսելի էր երեք­չորս քայլ հեռուէն։ Ահագին իր թեւը պտտցուց պեխերուն, այնքան առատ, որ նշմարելի էին, [305] մութէն [306] զատուելով իբր երկթեւ խուրձ մը, ականջները հասնող։ Միւսներուն քիչ ու կարճ պեխերուն մօտ, փարթամ սա ուռճացումը կը զարնէր ուշի, նեղ ու լեղի ահով մը տպաւորելով ճիղճ մարմինները հայերուն։ Միւս ձեռքին ձողեր, տրցակով։ Ու ձողերուն ծայրին, ջահերուն լաթեղէն փաթաթները, որոնք կը հոտէին ծթռած ձէթ մը, ինչպէս ճշդեց Սողոմին քիթը, եղին երկիրէն, այնքան նրբազգած՝ խաղաղութեան ծառին այդ դեղնորակ հոգիին։ Ջահե՞ր…։ Ձմրան որքա՜ն գիշերներ, Սողոմենց տղան ջահով այդ գնացքը կատարեր էր ձիւներուն մէջէն Տէրընտասին եւ ուրիշ տօներու, խարոյկներու պարին մէջէն։

 

Տասնապետը բացաւ ցածուկ դուռը։

 

Մութ, որ հաստ էր, «ձիւթի պէս»։ Նոյն ատեն տամկութեան, բորբոսի զօրաւոր այրում մը, որ անոնց ռունգերէ ն զատ մարմինն ալ կսկծեցուց քիչ մը։

 

Լուցկի մը վառեցաւ։

 

Ու եղաւ կիսապայծառ, դողդոջ ուրուայնութիւնը մը, դէպի հեռիները մղձաւանջային ծաւալումով։ Անմիջապէս մօտիկ, դուռին ճիշդ ետին, ջաղացքարի մը պորտին վրայ կը հանգչէր հարսնիքի մեծկակ լապտեր մը։ Ապակիներուն վրայ ոչ մէկ փոշի, ընդհակառակն, մատերու աղտոտ հետքեր, որոնք կը զատուէին պղտոր իրենց կոճակներովը ապակիին մաքուր երեսակներէն։ Լուցկին կրկնեցին, մինչ ուրիշ մը բացեր էր լապտերին դռնակը։ Թեթեւ ու էգ ու նենգ ճռինչ մը, որ գետին ինկող մետաղի մը պէս տպաւորեց հայերը։

 

Անոր մէջ տեղաւորուած աշտանակը, եռաստե՛ղ, հարսանեկան նարօտէն միայն պակաս։ Մոմերը շուկայէն նոր գնուած, վասնզի դեռ կը պահէին իրենց ցռուկը ճերմակ։ Սողոմը տեսաւ ասոնք պատճառներով, որոնք պարզ ըլլալու են մեր ընթերցողներուն։ Անոնց ուղիղ ու ցուրտ սլաքները մահաբեմեան տրտմութիւն մը ստեղծեցին տիրացու տղուն մէջ, որ «Ի վերին Երուսաղէմ» ոլորակած պահուն, աչքը կը մանրէր՝ լեզուակներուն լոյսը ընելով բիւրաղի շամանդաղում, «երկինքի թագաւորութեան» պատկեր մը շինելով լոյսերուն այդ փոշիներէն, ու մահուան կսկիծը այդ խաղին մէջ ծիածանելով։ Քանի՜­քանի՜ հարիւր հեղ անոր սրտառուչ ձայնը անմուրատ, այսինքն՝ երիտասարդ մեռելներու գլուխ անցեր էր այս սարսուռէն։ Անիկա հասարակաց պարտքի մը պէս կը վճարէր իր [307] ձայնին տուրքը այդ վշտահար ամբոխին։ Առանց այդ եղանակին մեռելին տէրերը կը կարծէին թերացած ըլլալ իրենց սիրականին վերջին հանգիստին առջեւ։

 

Մոմերը վառուեր էին։

 

Ու անոնց ցոլքին տակ, պաղ, սեւորակ, բայց բաւ՝ ճշգրտուեցաւ դեղին պատկերը։ Գրեթէ նոյն կամարը, խայտ­խայտ աղիւսով, որ այդ գետնուղիներուն ընթացիկ ոճը կու տար։ Նոյն յատակը, ձիւթ, հող թէ քար, դժուար էր զանազանել։ Ա՞ն՝ ուրկէ ելեր էին քանի մը ժամ առաջ, թէ ուրիշ մը։ Նկո՞ւղ կը դառնային։

 

Երեքն ալ այցուեցան այս մտածումէն։ Բայց քիչ մը քալուածք սրբեց այդ հաւանականութիւնը։ Ի՞նչ էր, որ կը միջամտէր։ Ջահե՞րը, որոնց դեռ չբռնկած գլուխներէն մոմերուն լոյսը գիծեր ու տողեր կը ստեղծէր, թէ գազանատիպ սա մարդոց անզգած ու լուրջ լռութիւնը, որ հերքումն իսկ կ’ըլլար անոնց սորված ճշմարտութիւններուն, սա ամայութեանց ներսը։ Թուրքերը պարտաւոր էին հայհոյել, թքնել, առնուազն աքացիով քանի մը հեղ գետին տապալել քոմիթաճի ները, երբ կը քշէին զանոնք վար, հարցաքննութիւններէն յետոյ, իրենց ծակը։ Սովորական, թափթփուկ ժանտարմաներու հետ անոնց հաստատ փորձառութիւնը, հոս՝ իր պակասովը, նեղիչ բան մը ունէր հայերուն սիրտին, սա ամեհի մարդոց հետ, որոնք իրենց դէմքերը կը զգուշացնէին լոյսէն։ Այս զգայութենէն զատ, անոնց մէջ կ’աշխատէր ուրիշ ալ «հեղանիւթ» մը, որ մարմինն է այս գետնափոր կայքերուն։ Անգամ մը անոնց մէջ, մենք կը պատկանինք «ստուերներու թագաւորութեան»։ Այս զգայութիւնը կը խանգարէ շատ բան մեր մէջ, առաւելապէս մեր տեղաւորուիլը միջոցին մէջ։ Ու կը խորհինք, կը զգանք, մահուան մթնոլորտի մը ընդմէջէն։

 

Սիւլէյման փէյլիվանը դանդաղումով մը ելաւ Սողոմին կուշտին։ Կարծր այդ մօտութիւնը, Նալպանտենց հարսը, դուրսի Եղնիկը նոյն գիծով իրարու յաջորդեցին անոր ջիղերուն ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ։ Կը քալէր ու կը հարցնէր պատճառը, որ քոմանտան փաշային սեւամորթ պահակը կը պահէր բռնի անոր ուղեղին։ Առանձնացած սենեակին մէջ, այդ արաբը խստօրէն պատուիրած էր իրեն ըսել գիտցածը, առանց վախնալու, ամէն գնով։ …Քալեցին ու անոնց աչքին կոյր փորուածք մը, նոյն կամարումով, որ ուրուացաւ ու մեռաւ։ Ո՞ւր կ’երթար այդ ուղին։ …Սեւամորթը կրկին բռնացաւ Սողոմին ուղեղին։ Անիկա կը խօսէր քոմանտան փաշային բերանէն, յետոյ՝ ուրիշներու բերանով, անունն անյայտ, շահեկան, մեծ, ամենակարող ուրիշներ, սանկ փափուկ ու քիպար [308], որոնք Սուղում օղլու Սուղումին բարիքը կ’ուզէին։

 

Քալեցին։ …Սեւամորթին ոճը ունէր ընտանի, կիսասքող խոստումներ։ Անիկա չէր ճշդած անունները այդ ուրիշներուն, բայց պայծառ կերպով պատկերած էր արժէքը իր բարիքը ուզողներուն։ Սեւամորթը աշխատեր էր իր պարագան զատելու քոմիթաճի ներէն, հրաւիրած զինքը բացէ բաց յայտնելու այդ մարդոց մասին իր բոլոր տեղեկութիւնները։ …Եղնի՛կը, իր քովնտի մարմինովը, աչքին խոնաւ տրտմութեամբը։ Մօրը ձայնը, հրամայող սպային, որպէսզի արտօնուին ծարաւները ջուր խմելու…։ Կա՞յ աւելի դժբախտ բան մը, քան մեր ուղեղը, որ զինքը հարուածող հազարաւոր զգայութիւնները պարտաւոր է որոշ չափով գոհացնել, ինչպէս եւ զինքը հիմնագրաւող տարրը պահել առաջին փլանի։ Մենք կ’ապրինք մեզ բզկտելով։

 

Հետզհետէ կամարը կը լայննար։

 

Խոնաւ, անշարժ մութը հազիւ կը պղտորուէր իր ընդերքներէն։

 

Շղթան կանգ առաւ։

 

Մեծկակ դուռ մը։

 

Ու տեսան, որ ան էր, որուն առջեւէն անցեր էին նկուղէն դուրս ելլելու ատեն։ Գետնափոր ուղին կիսաղեղ տարածութեան մը փոխուեցաւ անոնց ձախին։ Պայտի մը երկու թեւերը յիշեցնող ձեւով մը ապառաժին մէջ փորուած կը թուէր այդ համաչափ վէրքը։ Պայտին թեւերը կը սկսէին հնօրեայ թակոյկներով, մէկ մեթր հասակով, առասպելական գաւաթներու նման նստած իրենց ոտքերուն վրայ։ Լապտերին լոյսը անոնց փորին ճառագայթներ շողացուց։ Յայտնի է, թէ ջուր էր սրսկուած անոնց երեսին։ Պատերուն ոտքին՝ դոյլեր՝ ջրհանկիրներուն կտաւէն։ Ու տակառիկներ, բոլորն ալ քար, հաւանաբար շատ հին ծագումով, որոնց մէջ ջուրը սեւ արիւնի կը նմանէր։ Այս չարագուշակ հանդերձանքը՝ հրդեհի՞, թէ ուրիշ աւելի պղտոր կարիքներու համար։

 

Դուռը բանալէ առաջ Սիւլէյման փէյլիվանը հարցուց։

 

-- Քոմիթաճի Մատէուս, ըսելիք բան մը ունի՞ս։

 

Մաթիկը չպատասխանեց։

 

-- Խոզի՛ զաւակ խոզ, չե՞ս լսեր։ Հազարապետ փաշան ինծի պատուիրած է հարցնել քեզի, ունի՞ս ըսելիք։

 

-- Չունիմ։

 

-- Քու գիտնալիքդ է ատիկա։

 

Ու բացաւ պատի աղեղին խորքը գրաւող դուռը։

 

-- Ջահե՛րը։

 

Վառուեցան անոնք ալ։ Ու անոնց անկայուն լեզուէն մուխոտ ու պղտոր լոյսը թուրքերը ըրաւ գրեթէ տժգոյն։ Տեսարանին խուլ խռովքը մէկէն գտաւ իր ծանրութիւնը։ Միջին դար. հաւատաքննական տանջանքներու յուշեր. թուրքին ամբողջ [309] անասնութիւնը՝ Մաթիկին ջիղերուն վրայ յստակ իրականութիւն։ Քանի՛ կը շարժէին ջահերը, ա՛յնքան պահը կը խորանար։ Ժանտարմաներու շրթները փոքր վէտի մէջ։ Ու անոնց ճակատը՝ ակօսաւոր։

 

Դուռէն ներս։ Կիսալուսնի ձեւով կառոյց մը։ Հողին տակ, մէջէ մէջ սենեակներէ անցնող մը միայն կը զգայ սա արհաւիրքը, պայմանաւ, որ հնաբանութեան ուսանող մը չըլլայ, այլ՝ հա՜յ, կալանաւոր, հսկուած տասը մարդերէ։ Եւրոպացի զբօսաշրջիկները, որոնք թուրք հանըմներուն մարմինը աւելի խոր ու յուզումով վայելելու համար, այդ տեսակ տեքորներ սիրեցին, անշուշտ պիտի չայցուէին սա պատկերներուն անասելի թրքութենէն։ Այդ կառոյցին ոճն ալ կը կրկնէր կիսաղեղի նոյն դրոշմը։ Սենեակ, սրահ, ո՛րը որ կ’ուզէք։ Հանուած՝ ապառաժէն, կովի եղջիւրներու նման, կառոյցին մարմինը կը միանար կեդրոնէն ուրիշ դուռի մը վրայ։ Գետինը՝ մերկ ու չոր։ Ոչ մէկ առարկայ, բացի երկու եղջիւրները սկսող երկու թակոյկներէն, որոնք կը կրկնէին նախամուտի զոյգը։ Մատի հաստութեամբ կղմինտրը այդ պատերուն կը հագցնէր իրենց անառարկելի հնութիւնը։ Պատերը հիւսուած են նոյն հաշիւներով ու ոճով, ա՛յն միւսներուն պէս, որոնք քաղաքին աս ու ան կողմը կը շինեն դիակները [310] կործանած պարիսպներուն, եղիճին ու մորմենիին տակ պահող իրենց գիծերուն մութ կարմրութիւնը։ Ո՛չ խոնաւը, ոչ ալ երաշտը ազդեցութիւն ունին այդ շաղախին վրայ, որ հազարամեակներէ ի վեր այնքան այլազան քաղաքակրթութիւններ կը պարզէ թուրքերէն հնարուած բարբարոս տարազի մը տակ։ Բոլոր այդ մնացորդները թուրքերը կը վերագրեն ճինիվիզներու։

 

Այս կառոյցին ալ կեդրոնին դուռ։ Որ շինուածքով ու չափով կը բերէր պատկերը առջի երկուքին։

 

Ու եղաւ լռութիւն, ու եղաւ սպասում։

 

Մեծ լոյս մը, որ աւելցաւ ջահերուն դողդոջ ու մութ պայծառութեան։ Ձայն, հազիւ շշուկի մը չափ։ Գետինը անարձագանգ էր եկողներուն փապուճներուն տակ։

 

Երկու շատ խոշոր լապտերներ։ Որոնց ետին շէյխ Սապիթը եւ Օսման պէյը։ [311] Հագած էին ենիչէրիի փայտեայ արձանները յիշեցնող տարազ։ Սեւ անոնց դէմքին վերեւ ձիւնի պէս բաց փաթթոցը կը շեշտէր աննկարագրելի այդ մորթերուն պճլտուն սարսափը։ Դեղին՝ իրենց ակռաներէն, որոնք ժանիքներու սանտր մը կը յիշեցնեն, պատրաստ մարդկային միսը բուրդի նման գզելու։ Զոյգ դանակներ, իւրաքանչիւրի մէջքին, որ արիւնի գոյն գօտիով մը շատցեր էր, մարդոց ինքնին մեծղի մարմինը կրկնապատկող հաստութեամբ։ Դանակներուն երկու ծայրերը, պոչն ու գլուխը դո՛ւրս, վասնզի կանգուն ու կէսնոց իրենց հասակը չէր խղդուեր գօտիին ծալքերէն։

 

Շղթան ճեղքուեցաւ։

 

-- Սէլամուն ալէյքում…

 

-- Ալէյքում սէլամ…

 

Երա՞զ։ «Հազար ու մէկ գիշերներ» էն տեսարա՞ն մը։ Ընկեր Մաթիկը մոռցեր էր շղթան, ու չէր տեսներ դողը Սողոմին, խորապէս նուաճուած այս ամէնէն ու տկար։ Անոր աչքերը, չորս լարուած, կը ջանային գիծ իսկ չփախցնել սա տարօրինակ թափօրէն։

 

Շէյխ Սապիթը զայն տպաւորեց բացառիկ յստակութեամբ մը։ Թո՜ւրքը։ Բայց՝ հարազատը։ Որոնց ժանիքներովը կազմուած ըլլալու է սա քաղաքակրթութիւնը։

 

Շէյխը չնայեցաւ կալանաւորներուն ու քալեց դէպի դուռը։ Ջահերը ծռեցան անոր ուղղութեամբ։ Երեք լապտեր ու տասը ջահ նուաճեր էին խաւարը։ Ճշդուեցաւ դուռը։ Երկաթ, միակտուր։ Փականքին ծակը, որմէ մատի հաստութեամբ սլաք մը կը սուրար դէպի դուրս, փաղփուն անոր մարմինին վրայ իր սեւ փոսը պահեց։ Ու չարագուշակ էր այս ամէնը։

 

Շէյխը հանեց մ է ջքէն բանալի։ Ուղիղ կէս կանգուն։

 

Ու բանալիին մարմինէն ողորկ մաս մը լուսաւորուեցաւ անհաւասար լոյսով մը։ Ժանտարմաներու ձեռքէն ջահերը կը դողային չեղած հովէ մը։ Շէյխին կանանչ վերարկուն շերտ­շերտ կը փայլէր։ Ուղտի բուրդ անոր գդակին վրայ, փաթթոցին մխուած փետուր մը, աղտոտ ճերմակով։ Գրի՞չ, թէ ուրիշ բան մը։

 

Բանալիին գլուխովը անիկա երեք անգամ զարկաւ ժանգահար դուռին։ Ո՞վ կ’ուզէր արթնցնել այդ անդունդներէն ներս։ Ոչ մէկ հնչականութիւն։ Փայտը կը հազայ, կ’ըսեն։ Երկաթը կը հեծկլտայ։ Կոտրած ու բութ բան մը, դարձեալ բացուիլը դրան։

 

Ներս մտնելէ առաջ, անիկա դարձաւ կրունկին։ Անոր հասակը ցից էր, քան երբ ե ւիցէ։ Ձեռքերը կռնակին հիւսած պտտող մարդու անոր սովորութիւնը կորացուցած կը թուէր այդ հսկայ կռնակը։ Փչեց երկու ուսերուն։ Ո՞վ կը փախցնէր։ Ու անոր դեղնախտաւոր դէմքին վրայ ջահերուն եւ մոմերուն բոցը ահաւոր կտաւ մը կը հիւսէր ու կ’աւրէր։ Բայց անժուժելի՝ անոր դեղնելէն աւելի՝ գրեթէ կանանչ աչքերը, որոնք լոյսը թոյնի վերածող՝ օձերուն լեզուին նման կը հեւային։ Տարազը, կանանչը, դիմագծերու լարուածքը, թերեւս ամէնէն շատ տեղը՝ կը միջամտէին ` ստեղծելու համար այս սարսափը։ Անոր շրթները կը դողային։ Աղօ՞թք։

 

Դարձաւ առջին։ Ներս։ Ետեւէն թափօրը։

 

Թակոյկներու սենեակը։

 

Ընդարձակ գաւիթ մըն էր ասիկա, հաւանաբար՝ անցեալին մէջ հողէն վեր մասով մը։ Բայց հիմա ամբողջութեամբ կլլուած անկէ։ Տեղ­տեղ, պատերէն փրթած մասեր, կը ցուցադրէին շաղախի նոյն մատնեւոր յօրինուածքը։ Ձեւը՝ պայտի, բայց թեւերը՝ շատ բաց իրարմէ։ Գետինը մեծամարմար սալարկով։ Իւրաքանչիւր սալի հասակը քանի մը մեթրով։ Կեդրոնին կճեայ մեծ աւազան մը թափանցիկ միսերով, դուրսէն դրուած հսկայ թասի մը նման։ Ո՞վ կը լուացուէր այդ աւազանին մէջ թուրքերէն առաջ։ …Հիմա, ջո՛ւր։ Փուռի մը կամարին նման առաստաղը դանդաղ խոնարհումով մը կը յանգէր ճակատէն սաքուի մը, հաւանաբար քառանկիւն աւազան մը ան ալ, խզուած՝ ով գիտէ ո՛ր բարեպաշտ մարդասպանին հրամանովը ու վերածուած տեսակ մը մեհրապ ի [312], աղօթքի հատուցման համար հանդերձուած։ Բացի արաբագիր նախադասութիւններէն, որոնք մարմարի մէջ փորագրուած, բռնադիր բան մը կը թուէին, ուրիշ ոչ մէկ զարդ, յիշեցնող՝ ճաշակներն ու հոգիին շէնքը անդրանիկ կառուցանողին։ Երեք­չորս գրկաչափ բարձր առաստաղին երկաթ կեռերը, որոնց կիսաղեղը աւելի էր, քան շրջագիծը մանուկի մէջքին։ Թիւով երեք այդ կեռերը, ճիշդ կեդրոնին աւազանին վրայ, իրենց կտուցին կը թուէի՞ն թրթռալ, թէ յատակի ջուրէն խոնաւութիւնը կայլակ էր հիւսեր։ Ու թաց, շուրջանակի պատերը։ Ա՛յնքան՝ որ ջահերուն բոցին մէջ կաթիլները արիւնի նոյն մթութիւնը կը պատկերէին ինչ որ դուրսն էր, առաջին դրան մուտքին։ Ամէնէն ահաւորը այս տեսարաններէն կճեայ աւազանին անշարժ մարմինն էր, ուր ջուրը անդադար կը փոխուէր համաձայն տեղափոխուող ջահերուն։ Ու անոր խայտաւոր երեսին երբեմն վերէն կաթիլ մը, արիւնի գոյն, կը ցայտեցնէր ճշմարիտ թելեր մարդկային արիւնի։ Կը պակսէին միայն սատանաները, որպէսզի պատկերը դառնար տանթէական։ Մաթիկը մտաբերեց մեծ իտալացիին անմահ քերթուածը ու դարերը, որոնց մէջ դղեակներու յատակին սա բարքերը ընթացիկ էին ու չէին յուզեր խղճմտանքը այդ ջուրերուն կիներ խղդող իշխաններուն։ …Ուրիշ երկաթ օղակներ, մանկան սրունքի հաստութեամբ, մխուած պատերու ոսկորներուն։ Առիւծնե՞ր կը կապուէին ատոնց, թէ արջեր, երբ այդ գետնարաններուն վրայ, բիւթանական արքայազուն մը, մօրը մեղսակցութեամբ, իր եղբայրները թագէն զրկելու համար, զանոնք շղթայի կը ղրկէր սա զնտանները, կենդանիներուն կամ դահիճներուն կերակուր։ Կամ՝ երբ ծերունի իշխան մը իր մատաղատի կիները ափափելէ ետքը, ձանձրոյթը փրկելու համար, կու գար սա ջուրերուն ծոցը ու խեղդել կը հրամայէր ամէնէն հինը։ …Չնորոգուած օդի շատ ծանր հոտ մը, եղկ ու աղի, որ մգլած պանիրի համ մը կը յայտնէր, կճեց բոլորին ալ կոկորդը։

 

Ժանտարմա մը ցատկեց սաքուն։ Յայտնի չեղաւ, թէ ով էր իրեն հրամայողը։ Իր նշանով ջահեր ու լապտեր, զննելու համար գետինը, վասնզի օձեր, գորտեր, կարիճներ պատահական են այդ անայց տեղերուն։ Կասկածելի ոչինչ։ Լոյսին առատութիւնը ճշդեց հասակը եղջիւրի մը, որ կը թուէր բխիլ պատէն ով գիտէ ի՜նչ տրամի իբր հարցանիշ, իր սլաքը սրելով։ Նոյն ժանտարման ուսէն առաւ վար գորգ մը, մէկ մեթրէն քիչ երկայն հասակով, թուրքերուն սիրական սեճճատէ ն, որ աղօթքի ծառայելով հանդերձ, անոնց տուներուն յարգի զարդերէն մէկն ալ էր, ատեն մը։ Յետին աղքատը ունէր անոր մէկ նմանակը, առնուազն սէզէ [313] կամ խսիրէ։

 

Չեմ պատմեր նամազը, որ դասական զոհաբանութիւնն է, ուղղուած Ամենակալին ամէն անգամ, կռիւէն ետքը, երբ գերիները մորթելէ յոգնած, թուրքերը յիշեցին իրենց Ալլահը ու հեշտագին նուաստութեան մը մէջ օրհնեցին այդ Ալլահը իրենց օգնած ըլլալուն։ Այդ պահերը մարդերու կեանքին անըմբռնելիները եղան։ Ինծի անծանօթ է անոնց աղօթքը, պարտութեան մը յաջորդ ժամերուն։ Տեսայ զիրենք, նահանջի մէջ, բայց օրով մը ազատ թշնամիին հեծելազօրքէն։ Վախկոտ էին, տժգոյն, եղկելի։ Ու չէին աղօթեր։

 

Թակոյկներու սենեակին սա արարողութեան մէջ, յատկանշականը՝ խստութիւնն էր շէյխ Սապիթին, տարօրէն պահանջկոտ, պարտադիր ապտէսթին փոքր մանրամասնութեանց մէջն իսկ։ Ջրամանը բռնողը յանդիմանուեցաւ չունեցած մեղքին համար։ Մարդիկ իրենք զիրենք կարծրացնելու համար կը կեղծեն, առանց զգալու, թէեւ այդ դիտողութիւնը չի պատշաճիր շէյխ Սապիթին, մօրը փորին մէջ իսկ կեավուր ին հանդէպ կած ու կրա՜կ։ Բայց զուր տեղը չէ, որ մարդ իրեն մեծ­հայրը Արաբիստանէն կը բերէ։ Զուր չէ, որ կրօնքի պաշտօնեայ կ’ըլլայ՝ եթէ հայ մը մորթելու ատեն պէտքը պիտի զգայ այս կարգի թելադրական միջոցներու։ Անիկա իր խորութիւնը նոյն կշիռով կը բեռցնէր իսլամներուն ալ վզին։ Ու անոր դառն հեղինակութիւնը շնորհն էր հոգեկանին դէմ սա անգթութեան։ Անիկա կզակներն էր խորտակեր դիւանի էֆէնտիի մը, որ յանդգներ էր իր ներկայութեան ծոմը աւրել Ռամազանի օր մը ` իրար անցընելով այդ տաիրէ ն, մինչեւ խալիֆան հեռագրել սպառնալով…։ Հայհոյեց ժանտարմային, որ անոր փապուճներուն քիթերը չէր բերած նոյն գիծին, երբ հանեց զանոնք՝ սաքուն բարձրանալու համար։

 

Ու ահագին անոր մարմինէն ճարճատումի հեծքեր, ոսկորներու եւ յօդերու չթռտուքը, շունչին աշխը ու սօսափը հաւասար ծորումով կը դաշնաւորուէին օրհնութեան այաթներուն։ Անոր լայն կռնակը կատարեց պահանջուած հաստատ շարժումները, խղճամիտ, երկար ու հարազատ, որոնք իսլամին աղօթքը խօսուն սինեմայի մը չափ բուռն ու տպաւորիչ կ’ընեն, երբ զգայական բուռն ու տպաւորիչ պատկերներ յատակ կը ծառայեն այդ հոգեմարզին ` բառը առնելով մարմինին հակադիր իմաստովը։ Այդ պահերուն անոնց հոգին իսկապէ՛ս որ վեր է աշխարհէն։ Յիսունէն վեր մարդ այդ կատաղութիւնը կը փոխադրէ արիւնին վրայ, երբ սեռը յոգնութիւն է անոր։

 

Չեմ մօտենար հայերուն հոգեվիճակին, որ գրելու արուեստը կաշկանդող ներկայ օրէնքներով դժուար թէ նուաճուի։ Քառորդ այդ ժա՜մը, ամէնէն աւելի յստակ՝ Մաթիկին ուղեղին։ Զոր րոպէ առ րոպէ պէտք էր բռնել ու կենալ, պահը յօրինող սարսափին, յուզումին ու յուշերուն անպարագրելի տարափին ներքեւ։ Զոր զգացին սակայն մեր միլիոնաւոր եղբայրներն ու քոյրերը, զատ­ զատ տեքորներու մէջ, բայց հոգեկան նոյն ճնշումին ներքեւ…։ Պիտի ընեն այդ վերլուծումը թերեւս ապագայ դարեր, երբ գիրերուն տեղ գրագէտը գործածէ ուրիշ տարր մը ու գրելու արուեստը այսօրուան պէս գերին չըլլայ տրամաբանող տարրին։

 

Յայտնի՞ն։

 

- Անձուկը Սողոմին, նուաղման շեշտ վախով մը։ Վասնզի անոր դեռ թարմ, անկազմ հոգիին մէջ, թուրքերուն սա նամազը, ջարդէն կամ սպանութենէն առաջ, կտաւ էր պայծառ, սարսափահիւս, տարօրէն իրական, հեքիաթէն ինկած իր մէջ, կամ աւելի ճիշդը՝ Հայաստանէն հրաշքով իրենց գեղը հասնող բեկորներուն բերանէն, որոնք 96ի ջարդերը կը պատմէին ականատեսի իրենց ցնորեցնող սառնութեամբ, պատերուն մէջէն, ուր պահուած էին, երբ մեծափաթթոց մոլլաներ կը կապէին պատանիները, չորսը­հինգը նոյն չուանով, զոր անոնց մայրը կը բերէր իր չորնալիք ձեռքերով, ու կը շարէին պատին դէմ, անոնց աչքին տակ երկարելով սուրերը ու կը նստէին նամազի, այս անգամ անձնապաշտ բարիքի մը մեծվայելուչ խաղաղութեամբը, ու կ’աւարտէին արարմունքը դանդաղ, յօրանջուն, առանց ծունկերնուն լարուածքը աւ ր ելու, կէս շրջան մը դառնալով ետ, գլուխով, իրենց սուրերը հրամայելով բերել զոհերուն, զանոնք ձգելով գետին ուրիշներու բազուկներովը, ճիշդ առջեւը այդ նամազի սեճճատէ ին, ու կը մորթէին, այաթը այաթին հասցնելու ուշադիր, գանելով արիւնէն ու քսելով զայն իրենց կաշի մեսթ երուն (հողաթափ)…։ Այս բարքերն են ահա, զոր թուրքերը կը յաւակնին ներկայացնել աշխարհին իբր ինքնատիպ քաղաքակրթութիւն։

 

Յայտնի՞ն։

 

- Ուրիշ պատկեր մը, ասի, ընկեր Մաթիկի ուղեղին մէջ, որ կը յիշէր Մոսկուայի համալսարանին մէկ դասախօսը, մասնագէտ արեւելեան կրօնքներու պատմութեան, որ տարիին մէջ օր մը, իր դասաւանդութիւնը ընելու համար աւելի տպաւորիչ, արաբական շէյխի մը տարազովը զգեստաւոր, դասական նամազը կը մատուցանէր բազմաթիւ ուսանողներուն լուռ խռովքին մէջտեղ։ Շէյխ Սապիթը այդ համալսարանին հոյակապ դասախօսն էր անշուշտ։ Մարդերու միտքը աւելի տարօրինակ է, քան մարդերու սիրտը։ Այս վերջինը կնիքին տակն է զգացումներու մեծ մագնիսին։ Մի՞տքը։ Անիկա սանձէ զերծ մասն է մեր մարմինին ու աւելի դժբախտ անշուշտ։

 

Ջահերուն բաբախուն լոյսէն քիչ հեռու, պահելով մուտքի իր տեղը, էֆգաֆ ին ընդհանուր տնօրէն Օսման պէյը ուշքէ հեռու կը թուէր, վասնզի ոչ ոք զբաղած էր իրմով։ Աղօթքին ամբողջ տեւողութեանը, ժանտարմաները առանց զգալի ընելու, հետեւեցան շարժումներուն։ Անոնց ալ շրթներէն բաժին՝ անշուշտ, մատուցուող գոհաբանութեան։

 

Դէմքին խոհուն ու արգահատող բան չինար մեծ հայրենասէր տնօրէնը յոգնա՞ծ՝ արիւնէն առաջ։ Անիկա հայ չէր մորթած։ Բայց իր տղոցը դանակներով ինկող մարդկային զոհերուն պատկերները խուժեր էին վրան սա պահուն։ Հիւանդագին իր հետաքրքրութի՜ւնը՝ անձամբ ստուգելու սպաննուածներուն վերջին վիճակը, լալով, անէծքով, սպառնալիքով եւ ուրիշ բաներով խառնուած այն քանի մը վայրկեաննե՜րը, որոնք հողին ծածկոյթը կը կանխեն։ Քանինե՜ր կային փորագրուած անոր ուղեղին…։ Առաջին պատեհութի՛ւնը՝ սպանդը մօտէն տեսնելու…։ Իրողութիւն է, որ ջղային պրկումով անիկա սեղմեր էր ափին երկու փայտ, մարդկային թեւի մը երկարութեամբ, ջահեր ասոնք ալ, քանի որ լաթով փաթթուած մաս մը ունէին, բայց առանց եղի։ Նամազին տեւողութեամբ ժանտարմաներ մօտեցան անոր, վառելու համար, բայց հեռացան գլխի անոր ժխտական շարժումով։ Միւս կողմէ՝ նոյն այդ նամազին, անոր աչքը չբաժնուեցաւ փայտերուն ճերմակ վիզէն, վասնզի իրօք վիզի ձեւ ունէր անոնց այդ վերի մասը։ Անոր շրթներն ալ կը թրթռային։ Աղօ՞թք՝ թէ ուրիշ բան։ Կը թուէր յոգնած, բեկուած։

 

Շէյխը իջաւ սաքուէն։ Աւարտած աղօթքէն դեռ փշուրներ կը թափէին մօրուքն ի վար։ Գունատ անոր ֆէսին վրայ լոյսը կ’աղտոտէր։ Փորը՝ դուրս։ Ողնայարը՝ պիրկ։ Մինչեւ աւազան չորս քայլը անիկա ըրաւ թունաւոր խաղաղութեամբ մը։

 

Աւազանին քով, ուր կիսաղեղ կը կենային երեք կալանաւորները, անոր դէմքը գտաւ մէկէն անբացատրելի իր խստութիւնը։ Առանց բառի, ինք իր մէջն իսկ եռացող զայրոյթին տուրքն է ասիկա կարգ մը մարդոց մօտ, որոնք արեան խուժումի վախի մը ենթակայ, կը լռեն, բերան չբանալու համար։ Ու այդ խորութեան մէջ, անոր միակտուր անձը, վերէն վար պարզեց մահուան խաղաղութիւնը։

 

Անոր կանանչ անձին կանանչ ահը կը թուէր լքած ըլլալ անոր դէմքը։ Մանր աչքերը, ինչպէս օձի մը սլաքը, անիկա սեւեռեց ուղղակի Մաթիկին բիբերուն։

 

-- Կապեցէք ատիկա։

 

Տարօրինակ էր, որ շրջապատը զինքը հասկցաւ ուղիղ, վասնզի անոր նայուածքը չէր բաժնուած Մաթիկէն եւ ցուցամատը ճշդեր էր Սողոմենց Սողոմը։

 

Կապեցին տղան, թեւերը կռնակին, ամուր ու անգութ։ Կան րոպէներ, երբ ցաւը կը շոգիանայ աւելի խոր, մեր միսին աւելի ահազդու ուրիշ զգայութիւններու հեղեղի մը մէջ։ Սողոմը վախցեր էր պոռալու։ Յետոյ, առանց որ հրաման մը գար, ժանտարմաները կապեցին անոր ոտքերն ալ իրարու, կոճերէն, նոյնքան ամրօղակ, բարակ չուանով, քաշելով խիստ անոր մարմինը աւազանէն դէպի ետ։ Թեւերը կռնակին կապող պարանը հինգ­վեց կանգուն աւելցեր էր։ Անոնք այդ աւելին անցուցին պատէն կախ մեծկակ օղակի մը, ու փաթթեցին, մէկ կանգուն ազատ ձգելով, որպէսզի մարմինը կարողանար խոշոր շարժումներ կատարել, ծունկ կոտրելու չափ մինչեւ գետին։ Արիւնոտ դաշոյն մը, տղուն ոտքերուն մօտ քիչ մը դանդաղ՝ կտրեց կոճերէն աւելցուկ պարանը։ Ոչ մէկ բառ, ոչ ոքէ։ Չարչարանքը կը սկսէ՞ր։ Անոր մտքին մէջ այս տեսարանները գրեթէ անծանօթ չէին, վասնզի այցուած էր Դարբին Թորոսին պատժումէն։ Այսպէս կապկպելէ ետքը, Դարբինին ոտքերը զոյգ կոխած էին [314] հնոցի մէջ, կամաց, մաղմաղ կրակի վրայ եփի դրուած արջառի սմբակներուն նման։

 

Սողոմը աչքով փնտռեց ու սպասեց դուրսէն բերուելիք կրակարանի մը։ Անոր ակռաները կը խածնէին իր հոգին, ինչպէս կ’ըսէին իրենց գեղացիները, պատկերելու համար ցա ւ ին դէմ տալու վճիռը իրենց մէջ։ Աչքերը մնացին չոր։

 

-- Կապեցէք ատիկա։

 

Օդէն նետուած այս հրամանը հասկցուեցաւ նոյն զարմանալի ճշդութեամբ։ Ո՛չ աչք, ո՛չ մատ շարժեր էին։

 

Կապեցին Մաթիկին երկայնահասակ ընկերը, բայց տարօրինակ խնամքով, որ խոտոր կը համեմատէր պահին ճնշումին։ Չորս ձեռքերը, չուանով կը հիւսէին անոր մարմինը վերէն վար, ու պատնող մատներու չոր ձայն մը կը թփրտար անծակ լռութեան մէջ։ Ե րկայնահասակ երիտասարդը դեղնած էր չափազանց։ Ոչ մէկ շշուկ սակայն, նո՛յնիսկ այն պահուն, երբ չուանին ցանցը անոր վանդակը սեղմեց սաստիկ, կողերը [315] ճեղքելու աստիճան, շունչը կտրելով։ Նաւ մը անշարժացնելու բաւող չուանը խաչաձեւ դարձաւ կռնակին վրայէն դէպի թեւերուն տակը, հանգուցեց ուսերը, հիւսուեցաւ ծոծրակին ետին, ինք իր վրայ ` ձգելով զայն բոլորովին ազատ։ Աւելցածը՝ երկու­երեք մարդու հասակով։ Ձգեցին այս մեծ պոչը գետին, մինչ աչքով կը չափէին առաստաղ­կամարէն երկաթին հսկայ կեռը, հարցական պարոյկի մը պէս մխուող մութ բանէ մը ներս։ Երիտասարդը տեսա՞ւ այդ մանրամասնութիւնը։ Շրջեց աչքերը վար։ Ու հակառակ անոր, որ մարմինին փաթթուած ամէն գալարք զայն կը խածնէր, ան ալ սեղմեց ակռաները ու չունեցաւ արցունք։ Ետին, քովերուն, առջին, մէյ­մէկ մարդ, արգիլելու համար անոր գետին հոսումը։

 

-- Օսման պէյ։

 

Էֆգաֆ ին տնօրէնը անցաւ առաջ։ Անիկա քիչ մը կքած կը քալէր։

 

-- Առէ՛ք։

 

Շէյխ Սապիթին իւրաքանչիւր հրամանին կ’ընկերանար լուռ շարժուձեւ մը, զոր ունկնդիրները կը հասկնային արտակարգ արագութեամբ։ Դա՞ս մըն էր, որ կը կրկնուէր, թէ մարդիկ, առանց բառի, զգայուն են կարգ մը ախորժակներու։ Առնուածնե՞րը։ Օսման պէյին ձեռքէն երկու փայտերը։

 

-- Բերէք ատիկա։

 

Բերուողը՝ Մաթիկ Մելիքխանեանց, կովկասցի, Մոսկուայի բժշկական համալսարանին ատամնաբուժական սեքցիա յին անաւարտ ուսանող, հայ յեղափոխական։ Ո ր անցեր էր սահմանը, Վանը, Տարօնը, Կիլիկիան, Բարձր Հայքը, Փոքր Հայքը անպատմելի ոդիսականի մէջ, ու հասեր Պրուսայի նահանգը, ձերբակալուեր, ինքնամատոյց բարութեամբ, իր պատճառով բանտ ինկած գեղացիները ազատելու համար ու կը մտնէր սա րոպէին մահուան մէջ [316] ։

 

Թեթեւ մը դեղնած՝ անիկա։ Ջահերը աղօտե՞ր էին, թէ մահը ընդունելու անոր որոշումը զինքը կ’ընէր գրեթէ անզգած։ Դուրսէն ամէնէն դաժան մղձաւանջն է անիկա, մահը։ Անոր մէջ մտնողը, կ’ըսեն, կը փոխուի։

 

Օսման պէյէն առնուած փայտերը Սիւլէյման Փէյլիվանը եւ տասնապետը յարմարցուցին Մաթիկի ն թեւերուն ` վերէն, ուսոսկրէն սկսելով։ Լաթով փաթթուած մասը անոր դաստակին կը կպէր։ Յետոյ՝ բարակ առասան մը, վարժ շարժումներով միսն ու փայտը հիւսեց իրարու վերէն վար։ Բեկաբո՞յժ, սա անոպայ կենդանիները։ Մաթիկը չունեցաւ ոչ մէկ ընդդիմութիւն մկանէ՝ ինչպէ ս նայուածքէ։

 

Ու, այդ վիճակով, զայն քալեցուցին երեք քայլ առաջ։ Մանուկ կը թուէր, ճիղճ իր հասակով, անմռունչ բարութեամբը, դէմքին զմայլելի սկաւառակովը։

 

Կանգ առաւ։

 

Ճիշդ գլխուն՝ մեծ կեռը։ Աջին եւ ձախին՝ ըմբիշն ու տասնապետը։ Կռնակին՝ երկու կապուածները, չորս­հինգ քայլ բացօք։ Առջին՝ շէյխ Սապիթը, որուն շուրջը մնացեալ ժանտարմաները, երկիւղած սպասումով։

 

-- Ըսէ՛ ինչ որ գիտես։

 

Պակասը՝ սա բառերէն ` «տղաս»ը, հայրական «օղլում» ը, այնքան զանոնք արտաբերող շեշտը պատրանք կը ստեղծէր։ Շէյխին խորապէս նենգ նկարագիրը միշտ ալ ախորժեր էր աս կարգի ծպտումներէ [317], սա պայմաններուն առջեւ։

 

Ու սպասեց։

 

Մինչ՝ սրբազան այաթ մը կ’ոլորուէր մօրուքն ի վար, բաւական յստակ։ Բառի բեկորներու սա շրջիւնէն գրեթէ ճանաչելի էին Ալլահին փշրանքները։

 

Ոչ մէկ աճապարանք։

 

-- Ըսէ՛ ինչ որ գիտես։

 

Կրկնեց անիկա նոյն պայծառութեամբ։ Ջահերուն լոյսը կը սկսէր քիչնալ։ Անոնց ծուխը կամարին տակ՝ թեթեւ ալիքներով։ Լապտերները՝ բիբ ամբողջութեամբ։ Ու ոճիրին մէջ շէյխին հարազատութիւնը սա պատկերին կու տար սխրագին, մեծվայելուչ բան մը։ Այդքան անխի՞ղճ մարդերը իրարու դէմ, որպէսզի իբր վայելք անդրադառնար ամէնէն ստոր արարքը մարդուն։

 

Սողոմենց տղան կը դիտ է ր գազանը։ Անոր այնպէս թուեցաւ, թէ կը գտնուէին իրենց դրացի գեղին գերեզմանոցին մէջ՝ փոքր ու սիրուն նոճեստան, առանց մարմարի։ Զոր եզերող խիտ մացառուտի մը խորէն անոր տրուած էր հանդիսատէս ըլլալ թաղումի։ Հողքի գլխուն, թաղող հոճան այսպէս արձան, այսպէս տժգոյն, կը փսփսար բան մը, ինչպէս շէյխ Սապիթը…։ Ան չէր գիտեր միւս հրամայականը, որ պարտք կը դնէր բարի միւսլիւմանին, անհաւատները մեռցնելէ առաջ, գոնէ սուտ բերան զանոնք հրաւիրելու սրբազան հաւատքին։ Երկի՜նքը լայն էր։ Ու տեղ՝ շատ։ Մեռնողը կը մեռնէր, բայց կը շահէր իր բաժինը այդ Ալլահին արքայութենէն։ Բարիքը ընելը՝ պարտքը միւսլիւմանին։

 

Երեքնեց անիկա։

 

Լո՛ւռ, Մաթիկը, բայց կրելով շէյխին ամբողջ նայու ա ծքը, աննահանջ սեւեռումով։ Ի՞նչն էր դիտածը։ Չտեսաւ շրջապատին խոր հաճոյքը իր լռութենէն։ Պատրաստուած սա տեսարանին, այդ մարդիկը վախն ունէին վերջին զղջումին, Մաթիկէն։

 

Յետոյ, դադրեցնելով շրջիւնը իր շրթներէն, երկարեց երկու ձեռքերը դէպի Մաթիկին աջ ձեռքը։ Փայտը, փաթաթը, ծղին հազիւ կը լեցնէին շէյխին մէկ ափը։ Բարեկա՞մ։ Այս ձեւով կը բարեւուին քաղաքակիրթ մարդերը Աստուծոյ արեւին տակ։ Սանդարամետին խո՞րը։ Ժանտարմա մը առաւ անոր ձախ ձեռքը, իր զոյգ ափերուն մէջ։ Վայրագ, փրցնող շեշտ մը կը հեւար անոր մատներէն իր դողդոջ ձեռքին վրայ։ Ուրիշ երկու ժանտարմա անցան անոր կռնակը, բայց կիսովի ու ճիրանի ձեւով տեղաւորեցին իրենց հսկայ ձեռքերը անոր իւրաքանչիւր ուսին։ Անոնց բթամատը, երկաթ գամի պէս կոխեց ուսոսկրին ուղղակի տակը։ Ու անոնց չորս միւս մատերը պայտի ձեւով գալարուեցան այդ ոսկորին վրայէն։ Անոնց ալ մխուելու ուժգնութիւնը անսովոր կը թուէր, այնքան անոնց կզակները ճնշումին անդրադարձը կը մատնէին՝ փոսի մը պէս փորելով երեսի վայրագ մորթը։ Այդ ուսերէն երկու­երեք թիզ վերօք այդ գլուխներուն արհաւիրքին տակ Մաթիկին գլխիկը, ջնջուած, պարզի, բայց արի սուրբը [318] ։

 

Շէյխը, առանց ձայնի, բայց պրկագին ճիգով մը, շրջեց, դարձուց ինք իր վրայ, երիտասարդին դաստակը։

 

-- Չա՜թ…

 

Ուրկէ՞ սակայն։ Խուլ ու քիչ. կոտրող փայտի՞ թէ ոսկորի։ Շարժումը հակառակ արտաքին փոքր իր վառարանին, ծառայեր էր դէպի խորքը։ Կոտրա՞ծը։

 

Շէյխին բերնէն ելաւ մեծկակ շունչ։ Շարժումը կանխող շնչառութիւնն էր, որ իբր ճիգ կ’ամբարուի մարդոց թոքերուն ` նպաստելու համար մկաններու ճիգին։ Ու ձգեց։

 

Մարդիկ չկրցան հետեւիլ, թէ ինչպէս, փայփայանքի, բարեւի նման սկսող սա տեսարանը մէկէն վերածուեր էր անըմբռնելի բանի մը։ Վասնզի Մաթիկին թեւը, ամբողջ շրջան էր ըրեր ինքը իր փոսիկին մէջ, ու ելեր էր դուրս ուսոսկրին խոռոչէն։

 

Երբ շէյխը ձգեց իր ափէն այդ թեւը՝ ասիկա կտոր մը փայտի անզգածութեամբ ինկաւ տղուն կուշտին, մէկ կտոր, բայց միսերով կապուած ուսին։

 

Ոչ մէկ ճիչ։

 

Չունի՞ս ըսելիք։

 

Հարցումը կը մատնէր որոշ տագնապ։ Վասնզի հակառակ փայտին նպաստին, ծղիին բարակութեան ու ընդդիմութեան բացարձակ պակասին, շէյխը տառապեր էր մնալու իր ուժին վրայ։ Անիկա 96ի ջարդերուն, հարիւրով ձեռք այսպէս փշրելու ատեն, մէկ օրուան մէջ չէր զգացած այս յոգնութիւնը, սպառումը գրեթէ։ Ծերութի՞ւն։ Ա ռաւ խոշոր երկրորդ շունչը, զոր նշմարեցին շուրջինները։ Ու նեղուած, շունչը պահելով, երկարեց ափերը միւս ձեռքին, նոյն արտաքին անզգածութեամբ, զոր չկրցաւ տիրապետել, վասնզի կզակներն ալ ստիպուած եղան մաս առնելու շրջանումին համար վատնուած ուժին։ Գրեթէ հեւք։ Պուկը ուռած։ Քրտինք։ Յիսունէն վեր էր անիկա ու ատեն չէր ունեցած մտածելու տարիներու կշիռին։ Վեց տարի առա՜ջ։ …Մարդերէ յետոյ, այդ ձեռքի ուժը անիկա ա՛լ չէր գործածեր կենդանիներու վրայ, որոնց մալումը իր երիտասարդութեան զբաղումն էր եղեր։ Թեւ մը իր ծխնիին մէջ դարձնե՞լը։

 

Խուլ, դանդաղ, կճըռ­կճըռ՝ ինչպէս կը պատկերէ ժողովուրդը այս բեկումները, հետզհետէ աճուն հեւուքով՝ անիկա գլուխ հանեց երկրորդ թեւին ալ խորտակումը իր ոլորքին մէջ։ Փայտը նպաստեր էր։ Ատելութեան չափ, որ զայն կ’ուտէր ներսէն՝ անիկա կը խթանուէր վախէն, կէս ճամբան մնալու։ Երբ լքեց թեւը, մատները իրապէս սպառեր էին, ու ցաւ ինկաւ սիրտին։

 

Նոյն ձեւով երկրորդ թեւը գնաց կախուիլ ձախ ուսին։ Ոչ մէկ ձայն երիտասարդէն։

 

Ժանտարմաները, զայրագին՝

 

- - Հընզըր օղլու հընզըր…

 

Չկրցաւ չարտաբերել անոնցմէ մէկը, որ զոհին սա արիութիւնը կը նախանձէր անլուր կատաղութեամբ մը, այդ ուժը, անզգածութեան մէջ պաղարիւնը փոխադրելով անոր քոմիթաճի ի ասպարէզին, ուր, իր մատ մը հասակովը, այդ հրէշը ով գիտէ որքա՜ն անմեղ իսլամներ մորթեր էր, այդ անհաւատը, քեաֆիր ը, հընզըր ը, առանց աչքը հեղ մը թարթելու։

 

Ինչո՞ւ չձգեցին գետին անոր մարմինը։

 

Բայց ահա անակնկալը։ Փակ այդ դէմքին վրայ, խոշոր ժայթք մը արիւն։ Որ պոռթկաց տղուն քիթէն ու բերնէն։ Սեւ, կարմիր, փրփուր­փրփուր։ Ու ջահերուն լոյսովը ծիրանաւոր։

 

Զովութի՞ւն։

 

Հեղուկներուն ճակատագի՞րն է ասիկա։ Թէ՝ գիշատողներուն համար անհրաժեշտ անձրեւ մը։

 

-- Պիսմիլլահ… [319]

 

Շէյխը սոթտեց լայն իր թեզանիքը։ Այդպէս բացուած՝ անոր դաստակը քսուեր էր համրիչի ծոպին, որ գօտիին փակած մեծկակ վարդի մը պէս փայփայանք մը անցուց անոր ջիղերէն։ Մենք մեր զգայութիւնները կ’այլափոխենք երբեմն։

 

Ծնրադրեց։ Ու անոր շրթներէն հոսումը անծանօթ բառերու։ Ե րկու կտորի նմանող մարմինը կը հասնէր Մաթիկին գրեթէ կուրծքին, իր այդ ծնրադիր ձեւին մէջ։

 

Մէկը աճապարեր է դէպի սեճճատէն։

 

Շեղ իր նայու ա ծքովը՝ շէյխը զայն ետ կանչեց, ու նեղսիրտ՝ դեղնորակ իր աչքին մէջէն.

 

-- Չ’ուզեր։

 

Ձայնը կը թուէր այդ ակնակապիճներէն գալ, այնքան ակնարկը կը տիրապետէր անոր դէմքին միւս մասերուն։ Յետոյ յօնքերը կիտուեցան։ Երեսին հաւաքուեր էր լեմոնի դեղնութիւն։ Ո՞ւր կը ղրկէր իր թունաւոր արիւնը։

 

-- Պատրա՛ստ։

 

Ու փուռի թիակի մը ծաւալով լայն իր ափը անցուց անիկա մօրուքին վրայէն, աչքով սեւեռած կապ երիտասարդը։

 

Չորս ժանտարմա իրենց ճիրանները ամրօրէն զետեղեցին Մաթիկին սրունքներուն ու կո ն քի ոսկորներուն, երկկողմանի։ Ուրիշ մը իր երկու թեւերը դրաւ անոր կռնակին երկու թափերուն։ Պատառ մը այդ մարմինին շուրջը այդ հսկայական մարդոց տեղ ճարե՞լը։ Կրօնական լրջութիւն մը թերեւս հասկնալի ընէր սա ճշմարտութիւնը։ Այս մագիլներուն մէջ, այլապէս ու աւելորդ անգամ մըն ալ անշարժացած՝ երիտասարդը փակեց իր աչքերը։ Մահէն վա՞խ։ Պէտք չէ հարցնել։ Գլխիկը քիչ մը ետ, տժգոյն։ Կատարեալ պատանի։ Ու անոր քիթը կը շարունակէր կաթկթիլ։

 

Չըլլար ատիկա արիւն, այնքան ջահերը կ’այլայլէին անոր գոյնը։ Կայլակները անոր շապիկին ճերմակին վրայ գիծի վերածուած կ’իջնային դանդաղ։ Ինչո՞ւ բաց էր անոր բաճկոնը։ Գոց անոր աչքերուն տակ անցա՞ծը։ Ատ ալ պէտք չէ հարցնել։

 

Ծունկի։ Բայց հաստատ տեղաւորումով մը։ Անոր բերանը, այս անգամ ամէնքէն լսելի, արտաբերեց նուիրական այաթը։

 

Ու անունով այդ Բարձրեալին, որ գթածն էր, ամենամեծը բոլոր գթացողներուն (այդպէս կը յայտարարէր տարազը), շէյխ Սապիթը փրցուց, առանց ակռաները խածնելու, երիտասարդին ամորձիքները ու լուրջ, հանդիսաւոր, աչքերը սեւեռ Սողոմենց տղուն, նետեց այդ արիւնոտ տոպրակը անոր քիթին ու բերնին…։ Նշանը ճիշդ էր առած։ Սողոմը ահաբեկ՝

 

-- Ա՜…ա՜…ա՜…

 

Երեք անգամ։ Ինչպէս կը պոռար անիկա երազի մէջ, ճիւաղներուն կամ դեւերուն ձեռքը ինկած ատենը։

 

 

Երբ շէյխը ելաւ ոտքի, իր ծնրադրումէն, շփեցին անոր սրունքները, ծնկոսկրը Սիւլէյման փէյլիվանն ու տասնապետը։ Միւսները իրենց սկզբնական դիրքերով, տղուն մարմինը անշարժ պահելով։ Տարօրինակը ան էր, որ բոլոր դէմքերը թեթեւ մը գոհ, իրարու կը նմանէին։ Անոնց արտայայտութիւնը կը մատնէր սպասում մը։

 

-- Ձգեցէ՛ք։

 

Ժանտարմաները լքեցին անոր մարմինը, որ ինկաւ գետին։

 

Իր սիրական Մոսկուայէն ու սրբազան Տարօնէն այսքան հեռու Մաթիկ Մելիքխանեանցը իր տուրքը վճարեց իր ցեղին։

 

Անդին, Կովկասի մէկ խուլ գեղին մէջ, անոր մայրը, սա գիշերասկիզբին, իր անվախճան գիշերին խորը, տեսա՞ւ, հոգու աչքերով, իր մինուճարը, անուշիկ տղեկ, համակ խանդ ու բարութիւն, դեռ այդ տարիքին, դպրոցէն դարձին իր ծոցը նետուող.

 

-- Մամա՜…

 

Բացուեցա՞ն անոր կարկամ շրթները, հեռու այդ պատկերին վրայ, ըսելու համար.

 

-- Բալիկ, բալի՜կ ճան։

 

Ինչպէս կը դիմաւորէր դժբախտ որբեւայրին իր տղեկը, դպրոցէն դարձին…։ Հէ՜յ մայրերու սիրտ, որքան քիչ են մեր բառերը տալու համար ուժգնութիւնը պատկերին՝

Սրտիկս է նման ի փուռ…

 

որ մեր երգերունն է եւ կը ջանայ թելադրել սա ներսէն բռնկած միսին տանջանքը, որ պէտք է այրի, այրի ու իր իսկ գնով չսպառի, վասնզի մոխիրը, պա՛ղը՝ պատանքն է անոր։

 

 

Ջահերը ծռեցան դէպի դիակը։

 

Ի՜նչ խեղճ, ի՜նչ քիչ բան էր միսի այն կտաւը, որ դէմքն էր Մաթիկին, լուացուած իր արիւնին մէջ։ Մոմի դալկութիւն։ Ու խաղաղութիւն։ Ովսաննա՜ ի բարձունս…

 

-- Ալլահ էքպէ՜ր…։

 

Շշո՞ւկ՝ թէ դուրսէն ներս [320] ինկած նուագ։ Լսել կարծեցին ժանտարմաները։

 

Իրականին մէջ, իսլամ գիշերին մեծազօր աղօթքն էր, որ դուրսը, քաղաքին հարիւրաւոր մինարէներէն կը մատուցուէր Ամենակալին՝ ոչ

Իբրեւ զբուրումն ստաշխի ու խունկի…

այլ՝ իբր պսակումը սա երկնահաճ Ոճիրին։

 

Շէյխը, ժամացոյց նայելէ յետոյ   --ամէն հաւատացեալ աղօթքի պահերուն ճիշդ ստուգումին համար իր վիզէն կախ կ’ունենայ խոշորեկ ժամացոյց, շղթան մեծագին՝ հարուստներու մօտ-–, երկրին փորին մէջ, իր կարգին, րոպէական ճշդութեամբ արտասանած էր մեծազօր աղօթքին առաջին նախադասութիւնը.

 

- Ալլահ էքպէ՜ր, Ալլահ էքպէ՜ր։

 

Ցած՝ կրկնեցին միւսները։ Մոգական այդ տարազով այդ մարդոց հոգին կ’ողողուէր գթութեամբ։

 

Յետո՞յ։

-- Պիսմիլլահ էրրահման էրրահիմ։

 

Որ թարգմանի՝

«Յանուն Աստուծոյ, գթածներու գթածին»։

 

Այսպէս խօսեցաւ շէյխ Սապիթը, հեշտագին իր խաղաղութեանը մէջ, լայն իր մօրուքը երեք հեղ թեթեւակի հովելէ ետքը։ Աղօթքին աւարտումը յայտնող այդ սովորութի՜ւնը, երբ կ’ելլէր ոտքի գետնամած իր լքումէն եւ ինքզինքը կը յանձնէր Բարձրեալին անտես ձեռքերուն` կատարելու համար Անոր կամքը աշխարհէ աշխարհ։

 

Յետո՞յ։

 

-- Բերէք միւսը։

 

Եղաւ լռութիւն ու եղաւ շարժում։

 

Օսման պէ՞յը։

 

Գրեթէ դուրս դուռէն։

 

Թուրքի անկարելի դիւրազգածութի՞ւն։

 

Էֆգաֆ ի մեծազօր տնօրէնը վայրագ տեսարան պատճառ ունէր չհանդուրժելու։ Պատկերին առջեւ՝ անիկա այցուեցաւ այն մօրը ուրուականէն, որ տարիին մէջ քանի մը գիշեր, անհանգիստ կ’ընէր անոր արդարի քունը։ Ուրուականը՝ մայրն էր երիտասարդի մը, սպաննուած իր մէկ տղուն ձեռքով, պոռնիկի մը հաճոյքին համար։ Հակառակ եօթը տարիներուն, որոնք պատահարը կը նետէին անոր ետին, ու աշխարհք մը ուրիշ բռնութեան եւ ոճիրի, այդ մօրը պատկերը, զաւկին դիակին վրայ, թեւերը փռած, կը դարձնէր իր քունին ամբողջ այն դառնագին խռովքը, որ իրն էր եղեր, երբ երկինքին ամբողջ կրակը անոր բերնովը կը թափուէր իր գերդաստանին։ Քաղաքին լեռնակողմը, գեղեցիկ իր մէկ պալատին մէջ էր տեղի ունեցած այդ մահացու մալումը դժբախտ երիտասարդին, սարքուած՝ Օսման պէյին մեծ տղուն քմայքովը, գոհացում տալու համար պոռնիկի մը նախանձին։ Կիներուն հաշիւները, արդիւնք սեւ այդ զգացումին, մեծ մասով կը մաքրուին արեան մէջ։ Օղիի սեղանին շուրջը, քսանի մօտ խմողներու ներկայութեամբ կատարուած այդ սպանութիւնը դատական իշխանութիւնները ընդունեցին իբրեւ դուրսէն յարձակում, անյայտ աւազակներու կողմէ, վկաներուն միաբերան հաստատումով։ Օսման պէյին տղան կէս ժամ իսկ բանտ չէր իջած։ Ու վկայութիւնն ալ, դուրսէն յարձակումը վաւերացնող, գրաւոր ղրկեց արդարութեան ատեանին, որ փակեց խնդիրը։ Բայց Աստուած ուրիշ կերպ կարգադրեր էր։ Ու Մաթիկ Մելիքխանեանցին համար դատական վրդովում ալ տեղի չունենար պիտի։ Աստուած ապահովաբար քուն էր, այդ ոճիրին կատարման պահուն։

 

Միւսը մօտեցուցին։

 

Ըմբիշ Սիւլէյմանը, նիզակի մը ծայրով յաջողեցաւ չուան մը անցընել մեծ կեռին։ Ո՞վ էր ըսած այդ հրամանը, երբ շէյխ Սապիթը կ’աղօթէր հանդարտ, ու համրիչին հատիկները խուլ աղմուկով մը պահէ պահ մը կրծէին շրշիւնոտ լռութիւնը։ Մնաց որ, ամբողջ սա արարողութեան ընթացքին բոլոր շարժումները տեղի կ’ունենային զարմանալի բնականութեամբ մը։ Ոչ ոքէ, ոչ մէկ շուարում, դերի, պաշտօնի, ակնարկ հասկնալու, չըսուածը ըսելու։ Նախապէս սորված դաս մը այդքան անսայթաք մարդ չի կրնար կրկնել, բառերու մարզով, ուր արիւն ալ չկայ։ Թուրքերուն համար սա կարգի արարքները տարօրինակ ընտանութիւն մը ունին։

 

Մի՞ւսը։

 

Հասկցաք անշուշտ։

 

Կեցուցին աւազանի կողքին երկայնահասակ ընկերը Մաթիկ Մելիքխանեանցին։ Չէր կրցած քալել, քանի որ կոճերը հիւսուած էին իրարու։ Բայց ութ բազուկ, փայտէ միակտուր արձանի մը պէս, անոր ոտքերը գետնէն կտրած քշեցին առաջ։ Չուանապիրկ այդ մարմինը Սողոմին մտքին արթնցուց գերեզմանէն ելլող Ղազարոսը, «ոտիւքն կապելովք», ինչպէս կը նկարագրէ Յովհաննու Աւետարանը։

 

-- Քակեցէ՛ք կապերը։

 

Հրամանը գործադրուեցաւ։

 

Բայց տաղանդ պէտք էր` հասկնալու համար հրամանին չլսուած մասը։ Բեթանիա կատարուածին պէս Յիսուս մը չէր ըսած.

-- «Թողէք երթալ»։

 

Վասնզի ազատուող սրունքները մահակի մը հարուածով ծռեցան գետին։ Երիտասարդը ծունկերուն վրայ ստիպուեցաւ մնալ։ Զորս բազուկ անոր թեւերը ամրապէս կաշկանդած էին իրենց մէջը, ատեն տալու համար ուրիշներու, որոնք անոր ետեւն անցած սրունքները շրջեցին դէպի վեր` ազդրերուն կապելու համար զանոնք։ Այս գործողութիւնն ալ անցաւ փրթող յօդերու, բզկտուող միսերու, խուլ, սրտակեղեք կճրտումը։ Ամէն միսի ճիչ դահիճներուն վրայ կ’անդրադառնար՝ հանդարտ եռանդի մը մղելով զանոնք։ Ցաւը սաստիկ ըլլալու էր, վասնզի փոքր հեծքեր կը փրթէին տղուն բերանէն։ Բայց նշանակալից էր ատոնց իմաստէ դուրս ըլլալը։ Մաթիկին երկայնահասակ ընկերը համբաւ ունէր իր համբերութեամբը։ Ժամ մը ծեծէ ետքը անիկա հազիւ անունն էր տուեր…

 

-Անամ… անամ [321]

 

Հուժկու, Ռ. Պէրպէրեան պիտի ըսէր՝ կաշմբուռն մատնելով ժանտարմաներ անոր սրունքները ամրապէս կապեցին ազդրերուն։ Եղուած չուանը, բարակ տեսակէն, կտրեց միսերը, ու հասաւ ոսկորներուն։

 

Ժանտարմաները կ’ընէին այս ամէնը արագ, վարժ շարժումներով, կոտրած սրունք մը երկու տախտակին մէջ փաթթող մարդոց խնամքովը։ Երկայնահասակ երիտասարդը կը հեկեկար, լալ ամչնալուն։ Անիկա լեցուած էր մեռնող յեղափոխականներուն դրուագներովը, մահուան դէմ, բոլորն ալ Մաթիկին պերճ պատմումովը։

 

-- Հա շէօյլէ…

 

Ուրախ, երջանիկ։ Հայերու կողմէ տառապանքի դէմ սա կորովը զանոնք զայրոյթի կը հանէր։

 

Ջահերը կը թուէին տկարանալ։ Ու տեսարանին վրայ, երեք մեծ լապտերներու խաղաղութեամբը շինուած տեսակ մը հարսանեկան հո՜վ, որ գրական բառ չէ հոս։ Թուրքերու հարսնիքը սուրի պար է միշտ։ Թմբուկ ու հրացան։ Կռիւ ու արիւն։

 

Ըմբիշ Սիւլէյմանը երիտասարդին ծոծրակէն աւելցուկ չուանը միացուց կեռէն կախ պարանին։ Հասկնալի՞, ասկէ ետքը, ձեւը մահուան, որ կը սպասէր երիտասարդին։ Կախաղա՜ն։ Գուցէ՝ եթէ պատուիրակ փաշային հնարամիտ հանճարը գերմանական իր շահադիտութեամբը չվարէր այս քստմնելի ոճիրը։ Հայուն դիակն ալ պէտք էր օգտագործել։ Այլապէս՝ ի՜նչ հարկ այս ամէնուն, քանի որ նկուղին մէջ, գովուշ ին մէջ, ութ­տասը թուրք բանտարկել կարող էին սա մարդերը ճթթու չարձակած՝ խեղդել քուն թէ արթուն, ինչպէս կատարուեր էր ատիկա, հարազատներով, օսմանեան բարեխնա՜մ կառավարութեան բոլոր բանտերուն մէջ։ Բայց որոշուած էր, որ յեղափոխականները մահուան հասնէին «տպաւորիչ եղանակով»՝ ինչպէս կը պահանջէր ոճրային հոգեբանութիւնը, Գերմանիա ըրած փաշաներու ուղեղէն։ Արդիւնքը ծանօթ է մեզի։

 

Չքաշեցին սակայն չուանը։

 

Տասնապետը, փոխանորդելով շէյխ Սապիթը, հատիկ­հատիկ ըրաւ անոր բոլոր հարցումները, որոնք տրուեցան Մաթիկին։ Ոչ մէկ աճապարանք։ Տուն չունէի՞ն սա երկու մեծահռչակ անձնաւորութիւնները, իրենց սպասող կին կամ զաւակ։ Տղուն դէմքին վրայ կծկումներ։ Անհուն անձկութիւն։ Ո՞վ էր, որ խելքն ունեցաւ ատոնք հասկցած ըլլալու։ Կեավուր ը կ’աճապարէր մեռնիլ։ Բայց ժանտարմաները անոր պէս գերեզմանի մը չէին վազեր։ Իրենց նստած սենեակէն լաւ էր հոս։ Ցեղային մկրտութի՜ւն, ինչպէս ըսած էր իմաստուն հազարապետը։ Հեշտագին բան կար անոնց դանդաղութեանը մէջը։

 

Երկայնահասակ երիտասարդը ոչ իսկ մէկ աչքը բացաւ այդ հարցումներուն։

 

-- Կո՞յր ես, թէ խուլ։

 

Ու անոպայ տասնապետը, հազիւ սայրը մխեց անոր ակնակապիճին, [322] սեւ արիւն, արագ, մատ մը լայնքով, որ բաց մնացած բերնին մէջ լղրճուեցաւ։

 

-- Մամա՜ս…

 

Միւս աչքը չէր բացած։

 

-- Գործի՛։

 

Չորս բազուկներ հիւսուեցան երկու պարանի։

 

Ու երկայնահասակ երիտասարդը սկսաւ բարձրանալ, օդն ի վեր, գլուխը տարօրէն ցից։

 

Բոլոր ազատ ձեռքերը վերցուցին ջահերը, կրցածնուն չափ, այդ համբարձումը ընծայելու համար աւելի լուսաւոր, աւելի «տպաւորիչ»։ Պատկերը՝ Սողոմին ուղղութեամբ, չունէր ոչ մէկ սահմանափակում։ Ուշադրութեամբ կը գործադրուէր պատուիրակ փաշային հրահանգը։ Ժանտարմա մը պաշտօն ունէր անոր մօտ հսկելու, արգիլելու համար հընզըրը աչքերը փակելէ։ Նիզակի մը կոտրած սայրը, խթանի մը պէս, կը մշտէր անոր սրունքները, նոյնիսկ գետին նայած ատենը։ «Համբարձողին» մարմինը, առանց սրունքի, տարօրէն այլանդակ, կը դառնար ինք իր վրայ։ Կոկորդին առընչութիւն չունեցող կապը արգելք չէր անոր շնչառութեան։ Ու անոր մայր ը, հեծքի ձեւով, դուրս կ’իյնար անոր բերանէն։ Չուաններուն պրկումը, կճրտուքի մը նման ձայն մը կը հանէր ժանգոտած կեռէն, սուրի պէս խիստ ու խածնող։

 

Հասաւ անոր գլուխը կեռին, ու անշարժացուց մարմինը։ Ճիգ։ Գլուխը դիմացաւ։

 

Չորս նոր բազուկներ աւելցան հիներուն։

 

Գրոհ։

 

Ու այդ հերոսական գրոհին առջեւ, զոր թանկագին ու թանձ րաշարաւ հայհոյութիւններ կ’ընէին աւելի զարհուրագին, գլուխը կոտրեցաւ ծոծրակին ծխնիէն` շրջելու համար կեռին կիսաղեղին։ Ու անցա՜ւ։

 

-- Հա շէօյլէ…

 

Շունչ չառին։ Անոնք, չուանները քիչիկ մը թուլցուցած՝ կը սպասէին կռանին, որ իր բեռովը փրցնելու էր վզակոթի միսն ու կաշին։ Բայց վրիպեցան, վասնզի փրթող բան չեղաւ։

 

Երկաթ գիծին երկու կողմերէն, երիտասարդին մարմինը մնաց կիսուած։ Ու անմարդկային բան էր այդ պատկերը շրջուած գլուխին, կուրծքին վրայ, գանկը ցած՝ դէմքը վեր, ստեղծելով ամէնէն սարսռազդեցիկ մանրամասնութիւնները սա տանջանքին, զոր պիտի չկրնար երեւակայել Սողոմենց տղան, նոյնիսկ դժոխքին խորը։ Ժամուն Դատաստանին նկարը, որ լայն բաժին էր հանած տանջանքի բազմազան տեսարաններու, չունէր նման մը։ Յուդային ինքզինքը կախելը, ժայռի մը եղջիւրէն, բոլոր իր վայրագութեանը մէջ կը մնար մարդկային։ …Կամաց, անաղմուկ՝ իրանը կը ճօճէր, փայտի կոճի մը նման։ Ու պահէ պահ, տակի աւազանին կաթիլ հեծքեր կը խառնուէին խոշոր շունչերու։ Յետո՞յ։

 

Լքեցին չուանները, որոնք հսկայական օձերու նման ձգուեցան աւազանի եզրերուն։

 

Այս ամբողջ արարողութեան ընթացքին ոչ մէկը մտածեց նահատակուող երիտասարդին մեռած կամ ողջ ըլլալուն։ Առանց մարդակազմութիւն սորված ըլլալու, մսագործները մեր մարմինին կարգ մը մեծ օրէնքները ու անոր նրբագոյն գօտիները բժշկապետի մը չափ կը ճանչնան։ Անգամ մը գլուխը իր ծխնիէն բաժնելէ յետոյ, անոնք մէկէն ի մէկ անտարբեր եղան կախուած մարմինէն։ Մեռելը նախատելը աւելի բարձր մշակոյթ մը կ’ենթադրէ։ Թուրքերը դեռ չեն հասած հոդ։

 

Ու տեսարանին ամբողջ ծանրութիւնը, այդ րոպէին փոխադրուեցաւ ողջին վրայ, զոր ժանտարման անընդհատ կը նիզակէր աչքերը բաց պահելու, երբ դիակը առաստաղէն այդպէս կախ, դառնար աջ կամ ձախ, գլխուն մասովը գալու համար ճիշդ Սողոմին ճակատին ուղղութեան։

 

Յետո՞յ։

 

Այո՜, շէյխ Սապիթը, երեք լապտերներու լոյսը կեդրոնացնելով Սողոմին դէմքին, մօտեցաւ անոր։ Լուրջ, բարի, օծուն ու հայրական։

 

-- Տեսա՞ր, օղլում։

 

Սողոմը փակեց իր աչքերը։

 

-- Բա՛ց սա աչքերդ։ Ու մի վախնար։

 

-- Մի վախնար, մի վախնար, - կրկնեցին ժանտարմաները։

 

Տղան բացաւ աչքերը, բայց չէր կրնար հանդուրժել շէյխ Սապիթին նայուածքը։

 

-- Տեսա՞ր։

 

Տղան չպատասխանեց։

 

-- Խօսէ։

 

-- Խօսէ, - կրկնեցին ժանտարմաները։

 

-- Խօսէ, - թելադրեց խորապէս յուզուած Օսման պէյը, որ հա՜յր էր եղեր։

 

Սողոմին լռութիւնը անոնք ընդունեցին նոր փաստ մը անոր ցեղին անխելքութեան, մտովի։ Մոմերը անցեր էին իրենց վերջին քառորդէն ալ վար։ Ջահերուն մէկ մասը՝ առանց բոցի կրակ։ Ժամանակը լոյսով կը չափեն մարդիկ, նոյնիսկ ոճիրին արգանդին մէջը։

 

Ու, նոյնքան լուրջ, բարի, օծուն ու հայրական.

 

-- Մինչեւ արշալոյս քեզի միջոց մտածելու։

 

Ու շարունակեց.

 

-- Կ’ըսես գիտցածներդ այդ շանսատակներուն մասին ու կաշիդ կ’ազատես։

 

-- Կաշիդ կ’ազատես…

 

-- Նաւն ազատողն է նաւապետ։

 

Սիւլէյման փէյլիվանն էր տէրը այս առածին։

 

Հակառակ իր բծախնդրութեան, շէյխ Սապիթը կը հանդուրժէր այս միջամխումները իր խօսքերէն։ Ոճիրը յոգնեցուցե՞ր էր զինքը, թէ ծերութիւնը սկսեր էր սիրտէն։

 

Մտածեց ու շարունակեց.

 

-- Հագ տին ը [323] կ’ընդունիս, քեզի կու տանք աղուոր աղջիկ մը ու երկու աշխարհներուն մէջ ալ կ’ապահովես քու հանգիստը, ո՛վ յիմար կեավուր ։

 

-- Երկու աշխարհներուն ալ մէջը…

 

Տղան մնաց լուռ։

 

Շէյխը մտածեց ու շարունակեց, խիստ, վայրագ, անժուժելի՝

 

-- Եթէ ոչ, քեզ կը սպաննեմ շերտ­շերտ, բոլոր միսերդ կը քերթեմ վրայէդ սղոցով, ու ոսկորներդ կը կախեմ, գիտցա՛ծ ըլլաս։

 

Անոր բառերուն մէջ փշուր մը իսկ սուտ չէր զետեղուեր։

 

Կեցաւ։ Բայց մատը նետելով անոր աչքերուն ուղղութեամբը` ամբողջ պատկառա՛նք ու սարսուռ, ամբողջ վեհափառութիւն՝

 

- - Հէ՛մ վալլահի, հէմ պիլլահի…

 

Մեղմ, շոյեց մօրուքը։ Աւարտա՞ծ։

 

-- Հէ՛մ վալլահի, հէ՛մ պիլլահի, շէյխը սուտը բերան չէ առած։

 

Կրկնեցին բոլորը։

 

………………………………………………………………………

 

Հինգ վայրկեան յետոյ, պարապ էր թակոյկներու սենեակը։

 

Սողոմը, ողջ՝ իր օղակին, «մինչեւ արշալոյս»։

 

Մաթիկը՝ փռուած իր մօտը։ Առաստաղին՝ մարմինը անոր ընկերոջ, որ կը թուէր աճիլ ու բարակնալ։

 

Աւազանի եզրին փակցուած մոմը մեռա՜ւ։

 

Ու մութին փորին մէջ, Սողոմենց տղան… ինչպէս Յովնանը կէտ ձուկի փորին։ Այսպէս մտածեց անիկա։ …«Ի նեղութեան իմում ես առ Տէր կարդացի»…

 

Աղօթե՞ց։ Սաղմոսը սառած էր շրթներուն։

 

 

ՎԵՐՋ

Ե. ԳԻՐՔԻՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


 



[1]            ոճիրին, սրբագրուած՝  վճիռին -  ?

[2]            արտաբերած հոգեկանութիւնը -  ?

[3]            ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[4]            ջնջ. ստորակէտ

[5]            պատմական ?  պատժական ?

[6]            Ծնթ. - սատանայի մօրուք բորբոս, որ կ’աճի մգլած օդին մէջ, խոնաւ ու մութ նկուղներու անայց մասերուն։

[7]            կոճակ - ?

[8]            իրաւ, սրբագրուած՝ կտաւ

[9]            է, սրբագրուած՝ էր ?

[10]          կոշտոտ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[11]          տղաները, սրբագրուած՝ աղաները

[12]          յաւելում չակերտի

[13]          կատարեալ, սրբագրուած՝ կատարել

[14]          քաղաք, սրբագրուած՝ բանտ-քաղաք

[15]          յաւելում բութի

[16]          յաւելում ստորակէտի

[17]          յաւելում ստորակէտի

[18]          գաղափարականութեան, սրբագրուած՝ գաղափարաբանութեան - ?

[19]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[20]          ճաճանչավերջ, սրբագրուած՝ ճաճանչագեղ  ? [ճաճանչավուխտ ?]

[21]          սառնարա՞նը - ?

[22]          պատէն ?   պատին ?

[23]          յաւելում բութի

[24]          բնականութեան, սրբագրուած՝ բնակութեան

[25]          արմաւիներ ? արմաւենիներ ?

[26]          ճիգին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[27]          վերնակով    ?

[28]          ժամանակ .... մարդերուն   ?

[29]          երկար գծիկ, սրբագրուած՝ միացման կարճ գծիկ

[30]          սիրտը .... վաղահաս  ?

[31]          հազարին ?

[32]          «եղնորդ», սրբագրուած՝ «եղնորթ»

[33]          Ծնթ. - կազէլ եղնիկի ձագ։

[34]          տխրալի, սրբագրուած՝ սխրալի - ?

[35]          չէչ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[36]          կայսրութիւն, սրբագրուած՝ կայսրութիւնն

[37]          Ծնթ. - ֆլորա բուսականութիւն։

[38]          շողերուն, սրբագրուած՝ շոգերուն

[39]          հիմնատարը, սրբագրուած՝ հիմնատարրը

[40]          գագաթին,  ...........  ափին -- ?

[41]          վերցուած էին, սրբագրուած՝ վերցուցած էին

[42]          խորը, սրբագրուած՝ խոր

[43]          վայելէր, սրբագրուած՝ վայլեր

[44]          սենեակին, սրբագրուած՝ սենեակէն

[45]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[46]          Ծնթ. - վագըֆ կրօնական եւ բարենպատակ հաստատութեանց նուիրուած անշարժ կալուածներ, որոնք կը կառավարուէին պետութենէն անջատ մարմիններէ։

[47]          յաւելում ստորակէտի

[48]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[49]          Ծնթ. - հէօճէթ, թէմէսիւք կալուածաթուղթերու արձանագրութիւնը պետական կտրօններու վրայ։ Այդ թուղթերը՝ տէրերուն տրուած։

[50]          ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[51]          չէ, սրբագրուած՝ չէր ?

[52]          ստեղծած է, սրբագրուած՝ ստեղծած էր

[53]          Ծնթ. - իւլէմա բառացի՝ գիտուն։ Կը փոխաբերէ կրօնագէտները։ Հինին մէջ ուրիշ բան չէ արդէն գիտութիւնը։

[54]          դատական, սրբագրուած՝ դասական ?

[55]          հարկը ?  հայրը ?

[56]          Ծնթ. - իհսան դրամական նուէր։

[57]          ջնջ. բառ՝ ցոյց

[58]          Ծնթ. - սոֆթա իսլամ կրօնաւոր։

[59]          Ծնթ. - էվլիա անոնք, որ «նշան գործելու» զօրութեամբ օժտուած են։ Կախարդ կամ գուշակ, կը բանան կոյրերուն աչքը ու կը բուժեն դեւերու գործ ցաւերը։

[60]          տարիէ, սրբագրուած՝ դարէ

[61]          առակին, սրբագրուած՝ առաջին

[62]          ամբոխավարութեանց, սրբագրուած՝ ամբոխավարութեանը

[63]          յաւելում ստորակէտի

[64]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[65]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[66]          սպառնալու, սրբագրուած՝ սպառելու

[67]          Ծնթ. - խուդպէ կրօնական աղօթք։

[68]          Ծնթ. - էֆգաֆ ՝ կրօնական կալուած:

[69]          Ծնթ. - միւէզզին մինարէին բարձունքէն աղօթք եղանակող։

[70]          մէջ, սրբագրուած՝ մէկ

[71]          Ծնթ. - Տէուս՝ նախատական, հայհոյական բառ:

[72]          կեղծծամի շարլաթանութեան նախավայելքէ -- ?

[73]          գրուածին, սրբագրուած՝ դրուածին

[74]          գոհ, սրբագրուած՝ գոց

[75]          Ծնթ. - քէլպ շուն։ ( Ուլանը սղուածն է օղլանին`  տղայ )

[76]          փոսեցնէին, սրբագրուած՝ փոսցնէին

[77]          մէկ-մէկ, սրբագրուած՝ մէկ: [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[78]          հոռմի, սրբագրուած՝ հոռոմի

[79]          յետոյ, սրբագրուած՝  յիշեց  ?

[80]          փոխարինեց  ?  փոխադարձեց  ?

[81]          ջնջ. ստորակէտ

[82]          յաջողական, սրբագրուած՝ յաջողութիւնը  ?

[83]          նորազատ, սրբագրուած՝  հարազատ

[84]          Ծնթ. - օրթա օյին սենեակի խաղ։

[85]          չքաշելով [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[86]          քոսոտ, սրբագրուած՝ քսու

[87]          Ծնթ. - մերհասա այսպէս կը կոչուէին թեմերու վարիչ եկեղեցական առաջնորդները։

[88]          ինկան, սրբագրուած՝ ինկած

[89]          ջնջ. ստորակէտ

[90]          ինչ, սրբագրուած՝ ի՞նչ

[91]          էփէնտին, սրբագրուած՝ էֆէնտին

[92]          Ծնթ. - մունտառ շատ աղտոտ։

[93]          Զայն կը ճանչնար, .... իմաստութեամբ մը - ? 

[94]          չէին ատեր ? չէին անգիտեր ?

[95]          յաւելում ստորակէտի

[96]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[97]          Ծնթ. - մեվլէւի տէրվիշ - դարձող տէրվիշներու կրօնական միաբանութիւն։ Անոնց թեք[քէ]ներուն մէջ, ամէն Ուրբաթ կը գործադրուէր դարձող պարը մատաղ ու ծեր տէրվիշներուն, արեւելեան ամենախոր նրբութեամբ երաժշտութեան մը մէջէն, քանի մը նախնական գործիքներով, որոնցմէ սրինգը եւ նէյը Արշարունի վարդապետին նախասիրած նուագ[արան]ները կը կազմէին։

[98]          Ծնթ. - Վանք- այսպէս կը կոչուէին ազգային առաջնորդարանին շէնքը եւ պատնէշը [պարտէզը ?]։

[99]          բոլորվին, սրբագրուած՝ բոլորովին

[100]        բանը ատեանին - ?

[101]        ասացածները, սրբագրուած՝ ասածները

[102]        Ծնթ. փնճան ֆինճան, սուրճի գաւաթ։

[103]        ալ, սրբագրուած՝ այդ

[104]        քալիմաթիայ ով, սրբագրուած՝ կալիմաթիայ ով [կամ՝ գալիմաթիայ ով]

[105]        նա ն, սրբագրուած՝ նրան

[106]        օրերը, սրբագրուած՝ օրերու  ?

[107]        ալ, սրբագրուած՝ այդ

[108]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[109]        ջնջ. գծիկ

[110]        յաւելում ստորակէտի

[111]        ջնջ. ստորակէտ

[112]        վրան բաց, սրբագրուած՝ վրան-բաց

[113]        յաւելում ստորակէտի

[114]        սահմանումներուն, սրբագրուած՝ սահմաններուն

[115]        է, սրբագրուած՝ էր

[116]        մտասեւեռել, սրբագրուած՝ մտասեւեռեալ

[117]        փոխադրուած, սրբագրուած՝ փոխադրած

[118]        ջնջ. բառի՝ վկայ

[119]        իրենց, սրբագրուած՝ իր

[120]        յաւելում բառի՝ վկան

[121]        Ծնթ. - նալէթ քէօր շէյթան անէծք՝ կոյր սատանին։

[122]        հազարպետ, սրբբագրուած՝ հազարապետ

[123]        ժողովուրդներն, սրբագրուած՝ ժողովականներն

[124]        կատարումը, սրբագրուած՝ կատարուածը

[125]        խորացուցած, սրբագրուած՝ խստացուցած

[126]        Ծնթ. - վեսսելամին ամին տեսակ մը վերջաբան՝ «ողջունիւ, ամէն»։

[127]        Ձափռտուք, սրբագրուած՝ Ձաբռտուք

[128]        ապագիր, սրբագրուած՝ տպագիր

[129]        Ձափռտուք, սրբագրուած՝ Ձաբռտուք

[130]        ջնջ. ստորակէտ

[131]        երազումն , սրբագրուած՝  իրացում մըն  ?

[132]        յաւելում բառի՝ որ  ?

[133]        հետեւութիւններէն ..... հարցին ետեւէն - ?

[134]        ինչպէ՜ս, սրբագրուած՝ ինչպէս

[135]        չեն կշտանար, սրբագրուած՝ չեն կշտանա՜ր

[136]        նիրբոններուն, սրբագրուած՝ Նիբոններուն

[137]        բերէր, սրբագրուած՝ բերէին

[138]        յաւելում ստորակէտի

[139]        անիկա հաղորդուեցաւ .... ցանկութիւններու -  ?

[140]        յաւելում բութի

[141]        հնարել, սրբագրուած՝ հռչակել

[142]        տետրակներ, սրբագրուած տետրակներու -- եւ ջնջ. ստորակէտ

[143]        գաղտնիք, սրբագրուած՝ գաղտնի

[144]        քաղքավարութեամբ, սրբագրուած՝ քաղաքավարութեամբ

[145]        արձանագրուեցան, սրբագրուած՝ արձանագրուեցաւ

[146]        քիմիակիր, սրբագրուած՝ քիմիագէտ

[147]        ինչու, սրբագրուած՝ ինչո՞ւ

[148]        ջնջ. ստորակէտ

[149]        մահուան զօրաւոր փաստ -  ?

[150]        գեղեցկութիւններ -  ?

[151]        յաւելում բառի՝ եւ

[152]        Ծնթ. - իտատի երկրորդական կրթութիւն

[153]        յարգելով, սրբագրուած՝ յորդելով

[154]        բանտին ..... գոյնը -  ?

[155]        Ծնթ. - թիլ՝ բթամատին եւ ցուցամատին բացուածքը:

[156]        է, սրբագրուած՝ էր

[157]        խօսէինք, սրբագրուած՝ խօսէիք

[158]        Բռնած, սրբագրուած՝ Բռնկած ?

[159]        հաշիւներուն սխալ բռնութեան տակ   ?

[160]        լռեց, սրբագրուած՝ լսեց

[161]        մոռցան, սրբագրուած՝ մոռցաք -- եւ ջնջ. բառի՝ դար

[162]        դերակատարը, սրբագրուած՝ դերակատարները

[163]        խոնարհագոյն, սրբագրուած՝ խոնարհագոյնը

[164]        մեր, սրբագրուած՝ ձեր ?

[165]        պալեայով, սրբագրուած պալայով -  Ծնթ. - պալա վէզիրութեան աստիճան։

[166]        մաքսատուններուն, սրբագրուած՝ մաքսատուներուն

[167]        անգթութեան  -  ?

[168]        էինք, սրբագրուած՝ էիք

[169]        փառաւորելու, սրբագրուած՝ փառաւորուելու 

[170]        ջնջ. ստորակէտ

[171]        յաւելում բառի՝ որոնք

[172]        գիտութիւնը, սրբագրուած՝ գերութիւնը

[173]        մեր, սրբագրուած՝  ձեր - ?

[174]        եղերգութիւններէն, սրբագրուած՝ եղերերգութիւններէն  ?

[175]        ո՛ւր, ե՛րբ, սրբագրուած՝ ո՞ւր, ե՞րբ

[176]        իմաստութեամբը ?  համեմատութեամբը ?

[177]        ԺԸրդ, սրբագրուած ԺԸ

[178]        ԺԹրդ, սրբագրուած՝ ԺԹ

[179]        մեր, սրբագրուած՝ ձեր

[180]        որոնք կողմ .... ըլլալու -  ?

[181]        արդարներու, սրբագրուած՝ արդարօրէն

[182]        ասոր, սրբագրուած՝ ատոր

[183]        զէնքերը այրուէին  ?  զէնքեր տրուէին  ?

[184]        թերութիւններ ստիպուած ...... ճիշդ կ՛ըսեն --  ?

[185]        մօտեցուցի, սրբագրուած՝ մատուցեցի

[186]        լսելու, սրբագրուած՝ ըսելու

[187]        յաւելում բառի՝ պէս

[188]        ապահովեցիք, սրբագրուած՝ ապահովեցինք

[189]        յաւելում բութի

[190]        ելոյթները, սրբագրուած՝ երեւոյթները

[191]        Յաղթանակի, սրբագրուած՝ Յաղթականի

[192]        առաքինութիւններէն ? առաքելութիւններէն ? 

[193]        յաւելում միացման գծիկի

[194]        եղերախոյս, սրբագրուած՝ եզերախոյս

[195]        ապրումի, սրբագրուած՝ ապրելու

[196]        մեր, սրբագրուած՝ ձեր  ?

[197]        ձեր, սրբագրուած՝ մեր

[198]        Ըսինք, սրբագրուած՝ Ըսենք

[199]        չջնեցինք, սրբագրուած՝ չջնջեցինք

[200]        ովկիանային, սրբագրուած՝ Ովկիանիայի

[201]        սիսական, սրբագրուած՝ որսական

[202]        զուլա, սրբագրուած՝ զուլու [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[203]        ձեզ, սրբագրուած՝ մեզ

[204]        մոռցեր էինք, սրբագրուած՝ մոռցեր էիք

[205]        ծառայից, սրբագրուած՝ ծառայեց

[206]        որակուած, սրբագրուած՝ որակուածը

[207]        յաւելում պակսող բառի՝ փոխել  ?

[208]        չեմ ուզեր, սրբագրուած՝ չեմ յուզեր

[209]        ոչ-հելլէն, սրբագրուած՝ ոչ ալ հելլէն

[210]        յաւելում բութի

[211]        Գաւառներուն մէջ ... լրջութեանը չափով - ?

[212]        աւազութեան - ?

[213]        է, սրբագրուած՝ էր

[214]        որրաներուն ? օրրաններուն ?  սրճարաններուն ?

[215]        մեր, սրբագրուած՝ ձեր

[216]        ամենէն տխրագոյն  -  ?

[217]        մեր, սրբագրուած՝ ձեր

[218]        զգայութեան, սրբագրուած՝ զգայնութեան

[219]        տնանկութեան, սրբագրուած՝ սնանկութեան[ն է]

[220]        դաւերով, սրբագրուած՝ դաւելով

[221]        գլխաւոր, սրբագրուած՝ վիրաւոր

[222]        նոր ?

[223]        Ծնթ. - Տարրերու...   - ոչ-իսլամ հպատակ ժողովուրդներու վերաբերեալ

[224]        առած էք, սրբագրուած՝ առա՞ծ էք

[225]        դիւրազգայութիւնը, սրբագրուած՝ դիւրազգածութիւնը

[226]        ալ, սրբագրուած՝ է

[227]        կը բեռնամ, սրբագրուած՝ կը բառնամ

[228]        դերին, սրբագրուած՝ դերէն ?

[229]        Ծնթ. - Թանզիմաթ (օրէնքներ)։ Այսպէս կ’որակուի թուրքերու առաջին վերանորոգչական փորձը, որ կատարուած է 1860ի շուրջը։

[230]        յաւելում ստորակէտի  ?

[231]        առնուազն հայհոցին ?

[232]        շատ մօտիկ ..... ինչ որ    ?

[233]        դէպքին, սրբագրուած՝ Դէպքին

[234]        քուրդը ?  քիւրտը ?

[235]        քուրդը ?  քիւրտը ?

[236]        քուրդերը ?  քիւրտերը ?

[237]        ուշքի կը ձգեն ?

[238]        Ատոնք, սրբագրուած՝ Ասոնք

[239]        ջնջ. ստորակէտ

[240]        սխրանքին, սրբագրուած՝ սխրանքն

[241]        մասնակի ?  մանուկի ?

[242]        զգայութեանը, սրբագրուած՝ զգայնութեանը

[243]        յաւելում ստորակէտի

[244]        զգայութիւններու, սրբագրուած՝ զգայնութիւններու

[245]        մեղադրանքներ .... ինքնին - ?

[246]        Ամենովրիս, սրբագրուած՝ Ամենոփիս [Ամենոֆիս]

[247]        եղերական, սրբագրուած՝ եզերական

[248]        գէրը, սրբագրուած՝ գէշը

[249]        Գաղիոյ, սրբագրուած՝ Գաղղիոյ

[250]        Ալ, սրբագրուած՝ Ա՛լ

[251]        յաւելում բութի

[252]        հերքել, սրբագրուած՝ հեգնել

[253]        ջնջ. վերջակէտ ?

[254]        պակսող բառեր [կը պակսին նաեւ ա. հրատարակութեան մէջ] ?

[255]        քուրդ ? քիւրտ ?

[256]        քուրդը ?  քիւրտը ?

[257]        չեն վերածուիր, սրբագրուած՝ չէին վերածուեր

[258]        քովէն, սրբագրուած՝ բովէն ?

[259]        ջնջ. ստորակէտ

[260]        Ծնթ. - գրոց՝ մետաղի փորագրիչ գործիք

[261]        Ծնթ. - թոյ -  մատաղ

[262]        զինքը կախաղան .....  քայքայել ?

[263]        յաւելում բ. հրատ. փախցուած տողի՝ Ստուգիչ այդ յանձնաժողովները, գազա ներու մէջ, կ՛անցնէին, իրենց

[264]        շէնքերուն, սրբագրուած՝ զէնքերուն ?

[265]        բնազդները, սրբագրուած՝ բնազդներ

[266]        բաներու, սրբագրուած՝ բանտերու ?

[267]        Ժնեւ, սրբագրուած՝ Ժընեւ

[268]        Աւելցուցէք .... ողբերգականը - ?

[269]        փափաքիլ ? բաբախել ?

[270]        քաղելու  ?  քաշելու  ?

[271]        մենատիրումի, սրբագրուած՝ մենատիրումը ?

[272]        դիմաւորելու, սրբագրուած՝ չդիմաւորելու

[273]        կը պարպէր, սրբագրուած՝ կը պարզէր

[274]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[275]        ծաղկապարկի, սրբագրուած՝ մաղձապարկի

[276]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[277]        անգթութիւնն է, սրբագրուած՝ անգթութիւնը

[278]        մատներուն, սրբագրուած մասերուն

[279]        յաւելում բառի՝ որ

[280]        ուղտէ, սրբագրուած՝ ուղտի ?

[281]        Ծնթ. - էօզ - կորիզ

[282]        Քուատիէի, սրբագրուած՝ Փուաթիէի -- Ծնթ. -  Poitiers-ի

[283]        Ծնթ. - հազա կամ ղազա, որմէ՝ կազի յանուն կրօնքի՝ մեծագործ աշխատաւոր ու յաղթական։

[284]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[285]        յաւելում ստորակէտի

[286]        Ծնթ. - մեսճիտ փոքր մզկիթ

[287]        ողողումի, սրբագրուած՝ ողողումը

[288]        կը լրացնեն, սրբագրուած՝ կը լրացնէին

[289]        շարփ ի, սրբագրուած՝ էշարփ ի

[290]        ոճրագործը   ?

[291]        մը պատնէշով, սրբագրուած՝ մէջ պատնէշելով

[292]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[293]        կը պտտցնէին, սրբագրուած՝  կը պտտէին    ?

[294]        Կովկասին - ?

[295]        յաւելում ստորակէտի

[296]        յաւելում ստորակէտի

[297]        յաւելում բութի

[298]        յաւելում  ստորակէտի

[299]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[300]        մտեր են, սրբագրուած՝ մտեր էին

[301]        յաւելում բառի՝ որ ?

[302]        սոխրաց ? սոխրած ?

[303]        համի, սրբագրուած՝ համը

[304]        Ծնթ. - փէյլիվան ըմբիշ ։

[305]        յաւելում ստորակէտի

[306]        ջնջ. ստորակէտ

[307]        ի, սրբագրուած՝ իր

[308]        Ծնթ. - քիպար ազնուական ու բարեկիրթ ։

[309]        ամողջ, սրբագրուած՝ ամբողջ

[310]        ջնջ. ստորակէտ

[311]        ջնջ. բառի՝ Լապտերները  -    ջնջ. ՝ նոր պարբերութիւն անցումը

[312]        Ծնթ. - մեհրապ խորան

[313]        սադէ, սրբագրուած՝ սէզէ ?

[314]        ջնջ. ստորակէտ

[315]        կոպերը, սրբագրուած՝ կողերը

[316]        Ծնթ. - Մաթիկ Մելիքխանեանցը իրական անձնաւորութիւն է, իր տիտղոսներով՝ ինչպէս եղերական սա մահովը։ «Մնացորդաց»ին մէջ անոր կեանքը եւ ոդիսականը հատոր մը լեցնելու չափ նիւթ ունէին։ Զատեցի զայն վէպին մարմինէն։ Նպատակս՝ անոր նուիրել առանձին հատոր։ Անձնական իմ ծանօթութիւնը կ’երաշխաւորէ անոր դիմագծին անըմբռնելի կողմերը։ Մահը տեղի է ունեցած վերը տրուած պայմաններով։

[317]        սա կարգին ժպտումներէն, սրբագրուած՝ սա կարգի ծպտումներէ

[318]        պարզի, բայց արի սուրբը   ?

[319]        Ծնթ. - պիսմիլլահ յանուն Աստուծոյ

[320]        դուրս-ներս, սրբագրուած՝ դուրսէն ներս

[321]        Ծնթ. - Անամ… անամ գերագոյն տագնապի պահուն հոգին կը դառնայ իր մանկութեան։ Թուրքերէն սա բացագանչութիւնը հայ յեղափոխականի մը բերնին պէտք չէ վրդովէ ընթերցողը։ Կեսարացի այս երիտասարդը, 95ի ջարդին Կեսարիոյ մէջ վրայ տուած էր խօսելու իր կարողութիւնը։ Փողոցին մէջ բռնած էին զինքը եղբօրը հետ, պառկեցուցած եղբայրը, մորթած, յետոյ զինքը՝ գլուխը դնելով անոր վիզին արիւնած կէտին։ Հօրը մէկ ծանօթը առած էր զայն դանակին տակէն ու հասցուցած տուն։ Անկէ ասդին յամառ լռութիւն մը։ Տարին հազիւ չորս­հինգ հեղ կը խօսէր։ Կապուեր էր Մաթիկին, ասոր Կեսարիա գտնուած միջոցին, օգտուելով Մաթիկին դէպի արեւմուտք ուղեւորութենէն, Արմաշու Չարխափանին ուխտի մը ծրագրով։ Հետեւեր էր Մաթիկին միամիտ, հաւատաւոր, պակաս, մահուան համար տարօրէն հասուն։ Ես տեսայ զինքը, հին նահատակներու այլուրութեան մը մէջ, արդէն մեռած, դեռ թուրքերուն ձեռքը չանցած։ Պիտի մեռնէր, հաճոյքով, երբ ուզէին թուրքերը ատիկա։ Ու պիտի մեռնէր, մահանուէր։ Քիչեր պիտի հասկնան հաւատքի խորութիւնը մեր կեսարացիներուն, հիմա վաճառական ու աշխարհի մարդ։ Այն ատե՞ն։

[322]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[323]        Ծնթ. - հագ տին տառացի թարգմանութեամբ՝ արդար եւ իրաւ հաւատք ։ Թուրքերը այդպէս կը սիրէին անուանել իրենց կրօնքը, լռելեայն բաղդատութենէ մը ետքը միաստուածեան միւս երկու կրօնքներուն։ Արդարութեան եւ վաւերականութեան այս տարա՜զը՝ ջարդարար ցեղին բերնէն։