Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՏՈՐ Ա.

 

-- Խնամի՜…

 

Բարձր, ինքնավստահ այս կանչը անակնկալի չի բերեր ժամուորները։ Ամէն ինչ դարերու կնիքով։ Ամէն ինչ հոն, գեղին մէջ, կը քալէ իր յաւիտենական քայլը։ Այսպէս է, որ իր ներքին պէտքերուն համար, կեանքը ստեղծած ըլլայ ձեւ ու սարուած, կեդրոններ, որոնց իմաստը չի կրնար մեկնել, ինչպէս՝ բացատրել համբաւն ալ, ստուգաբանել։ Բայց անոնք եղած են ու են։ Այդ նշանաւոր կէտին, անոնք բոլորն ալ –-բացառաբար կիներ -– ո՛վ գիտէ՝ որքան ատեններէ ի վեր վարժուած են այդ շեշտին։ Բոլորն ալ ըրած են, կամ պիտի ընեն իրենց կարգին, իրենց բերա՛նը, այսքան մը բաց ու հպարտ, ինչպէս հիմա Նալպանտենց հաճի Աննան, եւ ունեցեր են, կամ ունենան պիտի՝ այս առտուներէն։ Օրեր՝ ուր անոնց մէջ ձայնելու է գործին, մանր ու լուրջ գործին կրակուած ասեղը։ Ի՜նչ փոյթ, որ պառաւները ցամաք հաց ուտեն, երբեմն նոյնիսկ տարիներով։ Անոնք ուրախ են, որ կը հասնին վերջապէս իրենց մուրատին ու փառքին։ Անոնք կը փոխուին Ժամուն փողոցը ու կ՚ելլեն, կը քակուին իրենց զրկանքներէն ու կը խօսին շե՛շտ, տիրական, խաբելու աստիճան գեղին ամենահաս խղճմտանքը, իմաստութիւնը։ Այս է պատճառը, որ կանչողին ու կանչուողին հետ՝ անոնք անվրդով կը հետեւին նման ընդմիջումներու: [1] Կը փնտռեն ալ զանոնք, շինելու համար տունի, դռնառաջի հաւաքումները ու ասոնց «աղօնք»ը։ Իրաւ է, որ քառորդ դարէ ասդին, մեծ [2] գիւղը հետզհետէ իր նորութիւնները, լուրերը, ոճիրներն ու եղերական երգերը կը ճարէ սրճարաններէն, այրերու խողովակով: Բայց գեղին բուն իրականութիւնը շինողներ միշտ ալ կիները եղած են, անյիշատակ օրերէ ի վեր, ու անոնց համար, լուրերուն ամենէն հարազատ, «իրաւ» առուն Ժամուն փողոցն է: Անշուշտ մունետիկ չէ, որ կը ձայնէ այդ նեղլուկ անցքն ի վար: Բայց հասկնալու ձեւերը բազմազան են այնքան, ու մարդ չ՛արհամարհեր մժեղն անգամ, երբ կը կճուի հետաքրքրութեան ասեղէն: Մնաց որ, օրերը, պահերը, դէմքերը այնքան նման ու ծանօթ են: Ու անոնցմէ զարտուղումն է, որ նոր պատահարը կը թելադրէ, կը մեկնէ, կը տարածէ: Ու ժամուորները կը նեղուին, տեսակ մը կէս ու շփոթ հոգիով կը շտկին իրենց տուները, երբ այս կարգէ հարուստ աղմուկ մը կը պակսի իրենց կռնակին, ամէն անգամ, որ ժամուն հարաւը, բակի «կանանց դռնէն» ելլելէ յետոյ, կը մտնեն նշանաւոր խողովակ փողոցը, հատ-հատ շարուած իրարու ետեւէ, ականջ լարելով ամէն շշուկի, ամէն կեցուածքի ու, գուշակօրէն ծանրացած՝ կը դառնան իրենց օրուան հոգերուն, տունին եւ օճախին անսպառ պահանջին:

 

Քանի մը հարիւր քայլ հասակի մը վրայ, բայց լայնքով մը, որ հազիւ անցքը կ՛արտօնէ գէր յետոյքով կիներուն, այդ փողոցը, սարսափելի եւ խեղճ փողոցը Ժամուն, տիրացած է բացառաբար դաժան ու լուրջ համբաւի: Բայց այս ստացումը չի նմանիր ուրիշներու, որոնք պատմական իրողութիւններ կը դիմացնեն ու կը պահեն, յիշատակը ոճիրին, որ կատարուեցաւ, երբ  իրենք տակաւին պարտէզ էին, մաս չկազմելով գեղին մարմինին: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս մասնաւոր ու խորհրդաւոր անունը: Ատ չէ էականը: Իմ օրերուս, ստոյգը ա՛ն էր, որ անիկա աւելի ծանրակշիռ ու բարեացակամ ճամբայ մըն էր կիներուն համար, քան նոյն գիծէ ու շինուածքէ ուրիշ նշանաւոր փողոց մը, -- Բաղնիքինը՝ ուր կիները, մա՛նաւանդ տաք ջուրէն կարմրած հարսներն ու հարսնցուները, չէին կրնար լայննալ, յամենալ, հակառակ բամբասանքի ու խօսկապի ստիպողական պէտքերուն (բաղնիքը աղջիկներուն պազարն է ամէն բանէ առաջ, ուր կը ճշդուին անոնց արժէքները), կճուելով այրերուն նայուածքէն ու, շուարուն աճապարանքի մը մէջ՝ ամօթխած, դողդոջ, յուսակտուր, կը սուզուէին դէպի բակերն ու անկիւնները, աչքերնին չբաժնելով գետնի քարերէն: Արգիլուած էր հոն խօսքի կենալը, խօսք լսելու գնով: Բայց Ժամուն փողոցը գերազանց էր դարձեալ ու իր կարգադրութեանց ծաւալով աւելի ուշագրաւ, քան դարաւոր միւս կեդրոնը, եկեղեցիին բակին հնադարեան արիշը, որուն տակ տէրտէրը, դեռ թաղական խորհրդարանի շինուելէն առաջ, ծերերուն հետ խորհուրդի կը նստէր, բայց անկար ու ջուրոտ բամբասանքը միայն կը յաջողէր լարել կզակէ կզակ, ու գործ շինելու, «եփելու» տեղ, խանգարել գիտէր: Այս էր պատճառը, որ գեղին մէջ բոլոր կարեւոր կարգադրութիւնները (ու դուք կը հասկնաք հարկաւ, որ սահմանափակ է անոնց թիւը) հոնկէ կ՛առնէին իրենց ծագումը, քանի որ կարելի չէ եղած հերքել կիներուն կամքն ու հեղինակութիւնը աշխարհի որեւէ գործի մէջ:

 

Մեծ ու դժուա՜ր բախտը այդ փողոցին, գրեթէ նման այն կեանքերուն, որոնք կը սկսին ամէնէն վարերէն՝ հասնելու համար մեծ գագաթումին: Պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ անիկա տարիներով ու տարիներով ուրիշ բան չէ եղած, եթէ ոչ փակ անցք մը, անձրեւկաթի սովորական կանգուննոց ուրդը՝ քանի մը հակադիր ու գրեթէ իրարու կպած տանիքի քիւերուն: Ծերերը, որոնց շատին տարիներն աւելի հին են, քան եկեղեցին, կը յիշեն յստակ՝ անցքին այն օրերը, կը թքնեն ու կը հայհոյեն բախտին, որ նոյնն է մարդոց, ինչպէս իրերուն դիմաց. ու գլուխ կը թօթուեն, զարմանալով աշխըրք ի բանին, Խաչանենց հսկայ քայքայումին, ինչպէս Սարըենց սկսող աստղին: Ու խեղճերը գիտեն, թէ ի հեճուկս իրենց անզիջող արհամարհանքին, որով կ՛օծեն ամէն նոր յաջողում ու անուն, այսօր անիկա ամէնէն բանուկ նրբուղին է, յատկացուած բացառաբար կիներու երթուդարձին: Սիրելի ու պիտանի է ան մա՛նաւանդ անով, որ գեղանի ու մատաղ հարսներուն կը խնայէ գեղամէջի  մեծ ճամբուն փորձանքները, սրճարաններու առջին՝ պղերգ ու անգործ բազմականներուն կարծր ու որոնող աչքերը, գինովներն ու թուրքերը ու, մասնաւորաբար, հետզհետէ լրբացած ոստիկաններուն սուր ու թթու նայուածքները: Ասկէ զատ ան կը կրճատէ, ի նպաստ պառաւներու ա՛լ դադրած անդամներուն, ամբոխուող ու դարձդարձիկ հրապարակին վտանգները, ժամ մտնելէ առաջ: Ու գիտէք հարկաւ, որ քառասունը կոխած ամէն կնիկ պառաւ է պաշտօնապէս, ու պարտաւոր՝ իր թոռներուն չափ զբաղուելու իր «հոգին շահելու» հարցով: Ժամերգութիւն փախցնելը դժբախտութիւն մըն է, մեղքի մը բեռով կրկնաւոր: «Եղը կրակն ըլլայ», ան, կոչնակի ձայնին, պիտի ձգէ ձեռքի տապկոցը հարսին ու, լաչակը մամուկած [3], պիտի շտկի դէպի եկեղեցի:

 

Դաժան ու չար համբա՜ւը այդ փողոցին: Զայն յօրինած ու ամրապնդած են քանի մը անմոռանալի ոճիրներ, որոնք անոր մէկ անկիւնին մէջ ծրագրուած են, այսինքն՝ կերպով մը՝ ամէնուն աչքին դէմ, առանց որ արգիլուիլ յաջողին, ու յետոյ՝ վերածուած արիւնոտ ու եղերական գործերու, յուզելով մեծն ու պզտիկը, մնալով մութ, անլուծելի, արդարութեան ընդդիմակաց, եւ որոնք գեղին սեպհականութիւն եղան, դերակատարներուն մահուան դէմ [4] վճռական խոստովանութիւններով։ Կեսուրնե՛ր՝ շատ մեծ մասը ասոնց, որոնք իրենց հարսները թոյնով մեռցուցին, բայց ամէն օր կրծուած ու ազազուն իրենց հոգին չկրցան վճարել, մինչեւ որ բռնադատուած զղջումով մը, հոգէառին նիզակին տակ, զոհին մէկ պարագայէն ընդհանրապէս մօրմէն թողութիւն չստացան ու չբացին իրենց բերանը Ս. Հաղորդին։ Կեսուրնե՜ր, որոնք աւելի յաճախ նշան [5], օրհնուած նշանը կոտրեցին կամ իրենց հաշիւներուն համեմատ բռնի կարգեցին։ Եւ ուրիշներ, աւելի ցանցառ, որոնք իրարու հանդիպցուցին «մեղօք» արգիլուած այրեր ու կիներ։ Ասոնք դրուագներ են, որոնք կը սկսին պարզ մեղքերով ու քիչ յուզումներով, հասնելու համար եղերական հետեւանքներու։ Ու արդար է զարմանալ ծերերուն հետ ճամբու այդ սեւ ճակատագրին։ Ու արդար է կրկին աւելցնել, թէ հո՛ն է, որ ծրագրուած ու վճռուած են, առանց բացառութեան, բոլոր հարսնիքները, հարուստինը՝ ինչպէս աղքատինը, սկսելով համեստուկ նշաններէն մինչեւ եօթը գեղ պատգամ ղրկող մեծադղորդ պսակները։ Բոլորն ալ օրհնուած ու բարեբաստիկ արդիւնքներով։

 

-- Խնամի՜…

 

Ու առտուան ժամասացութեան անխուսափելի յաճախորդները բոլորն ալ կեսուրներ զիրար վերծանող, աւելի յաւակնոտ բառով մը՝ վերլուծող բան մը ունին միշտ, ականջի տեղ որ ծանր է յաճախ–, լարելով իրենց դունչերը, շե՛շտ, աչքով խուզարկելով անկիւնները ու կռնակով տեսնել ջանալով ձեւերը։ Կարգ մը ամիսներու, մա՛նաւանդ Մեծ պահքի կիսօրեայ արարողութեանց ատեն, երբ արեւը տաքուկ բանով մը կը քաղցրացնէ անոնց ջիղերուն թմբիրը ու քիչ մը բոց կը շաղուէ անոնց հող հոտող մատներուն, փոխադարձ այս զննողութիւնը կը հասնի խորագոյն աստիճանին։ Բայց առաջիկայ Զատիկն ալ տաղաւարներուն ամէնէն բեղմնաւորը կ՚ըլլայ ու կ՚ողջունէ առատ ու նոր նշաններն ու խոստումները։ Այս կարգի առտուներու է, որ կիները, առաւելապէս այրիները, երկար ու խռով անկողիններու մէջ իրենց չափած, ձեւած, [աւրած] [6] ու նորէն կազմած կարգադրութիւնները երկիւղած զգացումներովը կը փոխադրեն ժամ, լայնօրէն կը տարածեն Պօղոս-Պետրոսի սրբազնահամբաւ նկարին առջեւ, խոնարհ կամ շքեղ ուխտի մը գնովը վարձելու համար «ամենահաս» առաքեալներուն նպաստն ու հաւանութիւնը, ու յետոյ՝ լոյսին ու աղօթքին, խունկին ու ժամասացութեան մէջ զանոնք վճռապէս կը վաւերագրեն։ Այս գաղտնի ձեւակերպութիւններէն վերջն է, որ հաստատ ու զօրացած, կը դառնան տուն, անցնելու համար ծրագրին գործադրութեանը։ Ու դիտուած է, որ եղերական պատահարներէ առաջ, տուն-դարձի սա քիչ ու [7] կարճ անկիւնադարձերուն, պառաւները քիչ մը աւելի ժամանակով կը կեցնեն իրար ու, լաչակներէն աւելի գուլցած փսփսուքի մը մէջ՝ Աստուծով ու մարգարէներով, Սուրբ Կոյսով ու Պօղոս-Պետրոսով, կը վճռեն նշանները, հարսնիքները, բայց մա՛նաւանդ բաժինքները։

 

-- Խնամի՜…

 

Այս երրորդ առտուն է, որ ժամուորները, հպատակելով ծանօթ ու ա՛լ անգիտակից վարժութիւններու, գլուխ կը բարտեն [8] ամէն ուղղութեամբ, իրենց քիչ մը ծանր ականջներուն շուարումէն տագնապուն, դէպի ամէն բացագանչութիւն, զանազանելու համար կոչական բերանը։ Ատիկա կ՚ընեն սրտադող ու փախստեայ (ամէն լրտեսում ենթակայ ըլլալով նման կծկումներու), աւելի իրարմէ զգացած վախի մը ներքեւ։ Բայց անպատճառ կը սուզուին իրենց ներքին ամաններուն խորը, հասնելու համար տեսարանին հաւանական իմաստին։ Ասիկա պարտականութիւնն է ամէն պառաւի։ Այս երրորդ առտուն է, որ անոնք՝ չկամ ու անհանգիստ՝ կը չափեն Նալպանտենց հաճի Աննան, որ իր լայն, «թախտ» մը յետոյքը տեղաւորած Տէրտըրանց տուներու կազմած անկիւնին, կը սպասէ խնամի Բաբէթին։ Աւանդութի՞ւն։ Նախապաշարո՞ւմ։ Ստոյգն ա՛ն է, որ առանց այդ ձեւակերպութեան՝ ամէն ծրագիր դատապարտուած է կործանելու։ Ու պառաւները շատ լաւ գիտեն, թէ հաճի Աննան փոթորկի դէմ կորկոտ չի հովեր [9], ոչ ալ եղեամը մանած կը տեսնէ [10] ։ Գեղին աւագ տուներուն, [11] ու հռչակաւոր գերդաստաններէն մէկուն աւագ ու մուշտակաւոր տիկինն է անիկա։ Ու անոր ձեռքը հեռուները կը տարածուի։ Ահա թէ ինչու խռովքը խոր է ժամուորներէն ներս։ Այս երրորդ առտուն է, որ Սարեկենց Բաբէթը իր երկայն, չպուխ հասակը պարտաւոր է հակելու քիչ մը դէպի կարճ Աննան ու մտիկ կ՚ընէ անոր փսփսուքը, աչքերը հազիւ քակելով կօշիկին քիթէն։ Կ՚անցնին ժամուորները, խռով ու լարուած։ Անոնք մտքով կը շինեն բոլոր դէմքերը, տարիքները, որոնք երկու ընտանիքներուն մէջտեղը կը բուսնին, բուսած են, ու կը յօրինեն մարդկեղէն կտաւը, հիւսուածը, ա՛ն՝ որ տրամադրելի ապրանքը կ՚ըլլայ խնամիէ խնամի բոլոր բարդումներուն, կառուցումներուն։ Ու անոնք չեն կրնար աչքի խիստ պոչով կամ չար թարթումով չչափել խորհրդաւոր զոյգը, որ, ատանկ հրապարակաւ, փողոցին մէջ կը տնկէ հանելուկին հարցականը։ Ու, առանց գիտնալու ինչուն, կը մեղադրեն, անէծքով ու լուռ հայհոյանքով, մուշտակաւոր հաճի Աննան, որ կը խօսի անընդհատ, միշտ կը պահէ փսփսուքին ձայնաչափը, մասնիկ մը գաղտնիք դուրս թափելու վախէն: Անոր յամառ, տիրական, հարուստի կոշտութեան ու բառերուն վարագուրուած չալըմ ին կ՛ընկերանայ մեծ մատին անխուսափելի մշտուքը, որուն համը չառած կնիկ դժուար է ենթադրել:

 

Փողոցը կը թեթեւնայ հետզհետէ: Վերի տուներուն լուացուածէն [12] ամաններու լուացուքը [13]  կը կաթկթի գետին: Հարսներու ընթացիկ աշխատանքն է, որ ծայր կու տայ: Երկու խնամիները չեն տեսներ, չեն կրնար [14]: Ու կիներու շարանին՝ այս անգամ դէպի կանանց դուռը, կը յաջորդէ դպրոցական աղջիկներու մանրիկ ու չարաճճի շարոցը, փոքր, խպնոտ, բայց արդէն հետաքրքիր դէպի մեծերը ու մանկօրէն պիշ ու հարցական: Անոնք ուրկէ՞ գիտեն, թէ այս գնացքի պահուն է, որ աչքի պիտի զարնեն ու պիտի նշանակուին, աւելի ուշ՝ նշանուելու համար: Անմիջապէս յետոյ, ժամուն բակէն կը սկսի երկաթեայ պղտորումը: Լսելի կ՛ըլլայ տէրտէրին ճոկանը, որուն ծայրի պղնձեայ օղակը սուր իր ակռան կը մխէ քարերու կողին ու միսին: Ամէն մարդ գիտէ, թէ ամառ ու ձմեռ, ցեխին ու սառին, տէր Օհանը գիշերապահի մը պէս կը հարուածէ գետինը, թաքուն՝ բայց անծանօթ հրճուանքով: Տէր Օհանը աւագերէցն է գեղին ու կը վայելցնէ զարկը՝ ինչպէս կատակն ու սրամտութիւնը: Անոր ճոկանին այս աղաղակը -- կարծես անոր բոժոժ-զանգակն ըլլայ -- դուրս կը թափէ բակերու խորքերէն խօսքի ու բամբասանքի սիրահարները, որոնք օրերնին հարամ կ՛ընդունին, երբ տէրտէրին հետ մէկ-երկու գաւաթ բառ չառնեն ու չտան: Բայց նոյն այդ աղաղակը կը թելադրէ ուրիշներն ալ հեռանալու, փողոցին երեսէն   սանկ «սրբուելու», չիյնալու համար քաջարի տէրտէրին բերանը, որ գոցուիլ չի գիտեր, բայց անտանելի է կիներուն հետ, քանի որ ասոնց ներկայութեանը չի կրնար «շէնք-շնորհք» ջուխտ մը հայհոյութիւն քշել ասոր կամ անոր հասցէին: Ճոկանէն ետքը ժամուորները գիտեն նաեւ միւս թացիկ տէրտէրը, տէր Մինասը, որ կնիկներուն տէրտէրը կը կոչուի եւ պարտաւոր է հետեւիլ քսան-երեսուն քայլ մը բացէն՝ աւագերէցին: Թուլբերան, շատախօս, կնիկվարի՝ անիիկա հաւասարապէս կ՛ատուի մեծերէն ու մէջերէն [15]: Անկէ ազատելու մտահոգութեամբ է, որ հաճի Աննան կը ստիպուի բարձրանալ ոտքերուն վրայ ու կ՛ըսէ.

 

-- Մեզի երթանք:

 

Կ՛աճապարէ անիկա, յետոյքը խախտելով տաքցուցած անկիւնէն եւ ընելով շեշտը աւելի խիստ:

 

Ի զուր խնամի Բաբէթը կ՚առարկէ շատկեկ զբաղումները։ Անոնք չեն կրնար կշիռ ունենալ ու փախուստը արդարացնել, բոլոր տուներուն մէջ ալ [16] օրուան սա պահուն նման ըլլալուն [17] ։ Ո՞վ չի գիտեր, թէ անոնց յանձանձումը բաժինն է հարսներուն, որոնցմէ ընտիր զոյգ մը կապած է տունին Սարեկ խնամին, Աստուծոյ տուածէն։

 

Տէրտէրը ելած է դուրս կանանց դուռէն։ Ու անոր կշռաւոր հազին ընդհատներէն կտոր-կտոր կը լսուին բզկտուած ողջոյնները պազիրկեան կաղ Խաչատուրին, որ լաչակ կը ծախէ եւ խակ տանձի պէս կը թթուի, երբ խօսին հետը, առանց պաշտօնական վերադիրին։ Յետոյ՝ կարգը կու գայ կառապան Առքելին, որ լխկած դդումի մը պէս կը տոտոզի դռնաքարին ու ճամբու կը դնէ տէրտէրը երկար ա՜խ-ով մը։ Ան կը տառապի մինակ իր անկողինէն ու կ՚երազէ միշտ տեղը ուրիշը կապել գացողին, որ բարակով մեռած, տուն մը տղայ է թափած թաղին երեսին։

 

Ու Օհան էմմին, տէրտէրին անուանակիցը, որ կրպակ է բացած ճիշդ ժամուն դրանը դէմօք, ազատելու համար իր այրի հարսին խոշտանգումներէն, կտրելով բակէն խուցի մը քառանկիւնը, ու տղու, դպրոցական տղու առարկաներ կը ծախէ, կը մուրայ՝ երբ ստիպուի, բայց գլուխ չի ծռեր անաստուած հարսին, ու Դաւիթին Սաղմոս ովը, Սողոմոնին Առակներ ովը անդադար կը սպառնայ, անէծք կը տեղայ, բայց աղօթքի մը պէս, օրհնութեան մը պէս կը սպասէ տէրտէրին ողջոյնին։ Այս ամէնը, ամէն առտու, անայլայլ ճշդութեամբ, ամրան եղանակին։

 

Ու առաջ ինկաւ գէր ու հաստախարիսխ հաճի Աննան, վերէն վար կլոր, գլանի մը պէս, որուն վերի խարիսխին գունդ մը գլուխը զետեղած ըլլան։ Անոր կը հետեւէր տախտակի պէս չոր ու կորաքամակ Սարեկենց Բաբէթը, տարակայ ու խռով։ Մինչեւ տուն հասնիլը, հաճի Աննան սովոր էր հեղ մը ափ առնել իր աղջիկներէն երեքին դուռները, որոնք կ՚իյնային նոյն բանուկ փողոցին վրայ, ա՛ն՝ որ կը ձգուի գեղամէջին զուգահեռ, բայց ետեւէն, ու տուներու դէզը կը բաժնէ երկու հաւասար քառորդի։ Նայուա՛ծք մը թոռներուն, մա՛նաւանդ հարսնցուներուն, որոնք կը ժմնեն, աչքդ բանաս ու գոցես։ Յետոյ, մարդամօտ ու հարուստ՝ մէկ-երկու խօսք անդամնին լուծուած ու սեմին դիզուած մարդու որդիներուն, ծեր կամ պառաւ, ամէնուն համար քաղցր բառով մը, ժպիտով մը։ Յետոյ, բայց անպատճառ, անիկա պիտի հանդիպէր Զատիկենց հաճի Սողմէնին, որուն հետ ո՛չ միայն տարեկից, այլեւ լուսաղբար ալ էին, միասին Ս. Յարութեան լոյսը Երուսաղէմ տեսած ըլլալնուն։ Անոր այս սովորութիւնները չյարգուեցան այս առտու, հակառակ օրէնքին, որ մարդը կ՚ընէ աւելի քան կապուած ու ձեւապաշտ դուրսին հանդէպ, երբ անոր ներսը ծանր որոշումներու խարտոցը կը սղոցէ անոր կամքը եւ կը քալեցնէ զայն, մռայլ ու աննահանջ բզզիւնի մը ընդմէջէն դէպի խորխորատը։ Ոճրագործը, հիբնոսացած իր զոհէն, չի զգար իր զարտուղումը դուրսէն չենք տեսներ ու բարեւ կ՚առնէ ամէնուն նման։ Հաճի Աննան ծերացա՞ծ է ալ։ Վա՞խ։ Ան զգուշացաւ ծանօթներէ։ Խանգարեց 20-30 տարուան վարժութիւնները. ու բռնեց նոր ճամբաները [18] ։ Տեսիլները, պատկերի բեկորներ, նոր ու բնական, բայց տպաւորիչ։ Մարդիկ կ՚ապրէին ամէն դի, ամէն ձեւով։ Ան քաղցրացաւ իր դաժան կծկուածութեան մէջ, զգալով, որ չէր նեղուեր։ Ու ապահովութիւն ինկաւ իր մէջ։ Մենք աւելի թափանցիկ ենք մեր մօտիկներուն, քան թէ հեռուներուն։ Կը վախնանք առաջիններէն ով գիտէ ի՜նչ երկարամեայ տպաւորութեանց հաշւոյն։ Այն ատեն հասկցաւ, թէ ինչու փոխած էր ճամբան։ Թեթեւցաւ, բայց շատ քիչ։ Ու չզարմացաւ, որ ժպիտ ունէր երեսին, բայց բաւական ալ խելք՝ զայն ճիշդ տեսնելու, այսինքն՝ նման կեղծիքի մը, որ չի ճնշեր մեր վրայ, օտար ու սուտ ըլլալուն։ Այսպէսով է, որ կը բացատրուի կեղծ, անզգած խաղաղութիւնը, որ կը շփոթուի բնականութեան հետ մինչեւ։ Հաճի Աննան կը բարեւէր ու կը խնդար հեռաւորներու, բայց վախին մէջն էր ծանօթներու հանդիպումին։ Մէկէն սարսռաց։ Քովէ քով եկած էր Սարեկ խնամիին հետ։ Ու իր հոգին ըրաւ այն շարժումը, զոր կ՚ընէ մերկութեան մէջ բռնուած աղջիկ մը։ Խնամի Բաբէթը հետեւեր էր անոր, կրունկ առ կրունկ, ինչպէս պիտի ըսէին մաքրապաշտները՝ տարտամօրէն լուսաւորուած այս գնացքին խորհուրդէն, բայց չհասկցած։ Անոր համոզումը հաճիին տագնապին վրայ կ՚ամրանար՝ քանի կը մօտենային տունին։ Ան կը չարչարուէր հաւասար սաստկութեամբ մը, անոր ու իր հաշւոյն, զգալով քարերուն դողալը ոտքերուն տակ, մա՛նաւանդ ծանրութիւնը դուրսէն նայուածքներու։ Երբեմն մեր կուրծքին զրահը բարակ է շղարշի մը պէս…։ Անոնք տուն հասան, խպնելով իրենց իսկ անձէն, առանց բառ մը փոխանակելու ո՛չ դուրսին, ո ՛ չ ալ իրարու հետ։

 

Հարսը` Նալպանտենց շատ նշանաւոր Աղուորիկը, անակնկալ ուրախութեամբ դիմաւորեց մաման։ Մանկամարդ ու գեղեցիկ էր ան, ամուլ արգանդի մը նուէր մնացող գեղեցկութեամբ մը։ Ո՛չ գէր, ո՛չ բարակ։ Բայց անոր դէմքը կը տպաւորէր, որո՛ւն որ դառնար։ Ու հասկցողները, այսինքն՝ կիներու արգանդով զբաղողները, կը զարմանային քաղցրութեանը վրայ անոր խնդուածքին, որ կը հերքէր աւանդութիւնը։ Ամլութիւնը գեղին մէջ համազօր է հիմնական զգայարանքի մը պակասին։ Ամուլ հարսին վրայ՝ ամէնէն ցայտուն բանը, որ անվրէպ կը զարնէ դէմինին, անոր ոսկեզօծ չորութիւնն է։ Հաստ ու քիչ մը էրիկ մարդ հոտող ա՛յն բանը, որ անգութ ու կարծր կ՚ընէ կիներուն դէմքը։ Աղուորին ժպի՞տը։ Բայց անիկա հռչակ ունէր գեղին հեռաւոր թաղերը։ Ու քաղցր էր անիկա, վտանգաւոր որակուելու չափ։ Ու անոր անձը, մանկամարդ կնոջ հոգին՝ այդ ժպիտին մէջ՝ անորակելի բան մըն էր, հիւսուած անով, ինչպէս նկարի մը հոգին կը շաղուըւի ու մէկ կ՚ըլլայ անոր գոյնին մէջ։ Պարզ, միամիտ, առանց հետաքրքրուելու պատճառին, որ իր մայրը կը բերէր իրեն այսպէս անժամանակ, ան վար ըրաւ մերկ թեւերուն վրայ զգեստին սոթտուածքը, կարծես ծածկելու համար անոնց ապշեցուցիչ ճերմակութիւնը, որ կը տարտամէր դեղձային դեղնութեամբ մը, բացուելով այտերուն վրայ։ Անիկա անմիջապէս ընդունեց ու հասկցաւ կեսուրին խիստ հոսումը, բայց մնաց անփոյթ։ Անիկա վարժուած էր այդ թթուելուն, ամէն անգամ, որ իր մարմինէն մաս մը քիչ մը աւելի շատ իյնար պառաւին աչքերուն։ Սովորութիւն էր քարոզը, տեսարանը վերջացնելու համար։ Այսօր տեղի չունեցաւ ատիկա։ Բայց, իր զարմանքին մէջ, հարսը չտեսաւ մօրը կծկուն [19], այլուրային, խորունկ ցաւով մը պատնուած դէմքը։ Մեր հոգիին վարժութիւնները կը մնան մեր անկապտելի իրականութիւնները։ Հինգ տարուան հարս, տակաւին անիկա չէր կրնար մայրը չտեսնել աղջիկի աչքերով։ Հարցուց արագ ու կենդանի, տունէ՛ն, տղոցմէն, հարսներէն։ Վասնզի ամէն հարս տարիներով իր մօրը կը պատկանի երբեմն։ Կեսուրէն պժգա՞նքը, այնքան առհաւական ու անխուսափելի։ Օտար կի՞նը։ Նալպանտենց հարսը քիչ մը վարանեցաւ «աղբրտանք»ը հարցնելու։ Հաճի Աննան կը պահէր կարծր իր նայուածքը անոր հասակին, ինչպէս բառերուն վրայ։ Բայց չմոռցաւ ախոռը, կո՛վը, որուն բերելու (ցնկնելու) օրերը մօտ էին ա՛լ [20], դրացինե՛րը, խօսելով թեթեւ, պճլտուն, սիրաւէտ այն շեշտով, որ կարգ մը մարդոց հմայքը կը բացատրէ։ Անոր բառերը, իրմէ դուրս գալու ատեն, կարծես կը թաթխուէին այն կրակէ ջուրին մէջ, որուն ցոլքը կը վառէր անոր աչքերուն, այտերուն, նոյնիսկ մարմնին կորաձեւերուն վրայ, ու կ՚առնէին անոր լինելութեան ընդհանուր կնիքը, է՛գ ու զաղփաղփուն այն յօրինումը, որ հարսը հարս կ՚ընէ ու կը դիմացնէ մեր մէջ կիներուն ձեւը, աւելի՝ անոնց կուղպ հոգին, խորհուրդի մը պէս, ու կ՚աշխատի, կը խորանայ, կը հեռանայ (երբ անդրանիկ նկարը թռած է շատոնց) իր վրանը, կամարը զարնելով մեր գիտակցութեան չհասնող կալուածներու [21] վրայ։ Սէրը ներկայ մըն է, սիրահարուիլը՝ անցեալ մը։ Ի՜նչ տպաւորիչ էր հարսնուկին այս զուարթ, քաշող հոսումը, որ կը բռնէ շրջապատը ու կը կեցնէ՝ մեծն ու պզտիկը, առանց սեռն [22] իսկ խտրելու։ Մենք մտիկ կ՚ընենք այս մէկուն, առանց ուզելու. ու կ՚անտեսենք այն միւսը, հակառակ մեր կամքին։ Անձէ անձ այս հոսումը վտանգի դուռ մըն է յաճախ։ Ու գիտակից է ասոր փորձառու եւ շուտ հասկցող հաճի Աննան, որ միշտ ալ պատրուակ ճարեց հեռու պահելու իր հարսին փորձանքը դրացիներէն, մա՛նաւանդ այրերէն։ Որ առաջին տարիներուն, արգիլեց անոր բառի փոխանակումը տան ծառային հետ։ Իր հարսին այս դժբախտ հրապոյրը առարկայ կ՚ըլլա՞ր իր նախանձին։ Ատոր չէր խորհած։ Բայց չէր դաւեր իր վարժութեան, շատ չկեցնել զայն ամէն օտարի առջեւ։ Ու ճիշդ, հպատակելու համար այդ սովորութեան, գիտնալով հանդերձ, որ անտեղի էր մայրը զլանալ աղջկան, միջամտեց, պարտականութեան մը հնազանդելու խուլ պահանջով.

 

-- Աղուո՛ր, դուրս հանէ կովերը։

 

Մեղմ, առանց յանդիմանութեան դոյզն կնիքի, այս նախադասութիւնը հասաւ իր նպատակին։ Հարսնուկը անդրադարձաւ, որ հովիւին կանչը չքացած էր շատոնց դուռին առջեւէն, ու վարի փողոցին խորերէն կը փրթէին հեռացած աղաղակի մը բեկորները։ Յետոյ լսեց, - շրջակայ տուներէն կը շարունակուէր նուա՛գը, իրենց մայրերէն բռնի զատուած ու բանտարկուած հորթերուն։ Ասի՝ իր շատ սիրած, նոյն ատեն շատ ալ տրտմած պահն էր, երբ էրկանը տունն եղած ատենը, իր սենեակին մէջ, մռայլ իր անկողինէն, ականջ կու տար բաժանման այս մեղեդիին, միօրինակ ու խեղճ, ուր սակայն անոր կը տրուէր թափանցումն ընել սրտաշարժ արարողութեան, կարօտի, զաւկի ու մօր հոտուըտուքի խորհուրդին։ Կու լային հորթերը, ինչպէս անոնց [23] արօր մեկնած [24] մայրերը։ Ու անոր սիրտը կը սեղմուէր, խոր ու անորոշ հարուածներու, ճանկերու ասեղին տակ ծեծկուած ու մսող, մինչ դէմի անկողինէն անոր էրիկը գլուխը կը քաշէր վերմակին տակ, չլսելու համար «ապուշ» այդ աղաղակը։ Կովերը խե՞լք ունէին որ։ Արագ անցան այս ստուերները անոր առջեւէն։ Յանկարծ մտմտաց։ Փնտռեց պատճառը իր յապաղումին։ Այս փնտռտուքը դանդաղեցուց իր քայլերը։ Չէր գիտեր ընելիքը ու կը վախնար հարցնելէ, բայց կեսրոջը նոր մէկ հրամանը քշեց զինքը։ Սուզուեցաւ ախոռը։ Քաղցր մութ կար հոն։ Մուտքէն քիչ անդին, մսուրքի փայտին կապուած հորթուկ մը, մեղմ՝ բացաւ լեզուակը ու լզեց անոր ափը։ Եղկ այս զգայութիւնը սարսռացուց զինքը։ Անիկա յիշեց գիշերուան երազը, կուրծքէն տղայ մը կախուած, լեցուն, իրաւ տղայ մը. ու անոր բերանը կը պագնէր իր պտուկը, աջ ծիծին պտուկը ա՛յն խտղտումով, զոր հիմա հորթուկին համբոյրը բացեր էր ափին վրայ։ Ու համբոյրին յուզումէն իր աղիքները դարձեր էին իր մէջ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս հիմա։ Դալկացաւ. քաշեց ափը արագ ու նայեցաւ կենդանիին խոշոր, փայլուն աչքերուն։ Հորթ մըն էր եւ ուրիշ ոչինչ։ Անցաւ կովերուն, քակեց ու ձայնեց։ Կարծես ծանօթ, բայց անտես մատներ երազին շղարշը առին ու տարին։

 

Դուրսը ` բակին մէջ, հարցաքննող, շատախօս ու լուրջ, հաւերը անընդհատ ոտք կը փոխէին, դանդաղ կռկռոց մը կախած իրենց կտուցէն, ինչպէս ճախարակէ մը, ու բան մը կը թուէին հասկցնել հաճի Աննային։ Զուարճալի էր դիտել, թէ ինչպէս մայր հաւ մը իր ձագուկները կը մղէր յարձակումի, դէպի տանտիկինին փէշերը, կարծես մեղադրելով անիրաւ յապաղանքը։

 

-- Մոռցեր է կերը։

 

Սուտ խօսեցաւ, գիտնալով, բայց առանց նեղուելու։ Յետոյ միայն զգաց, որ ըսեր էր խօսքը, բան մը խօսած ըլլալու համար։ Չյիշե՞ց, որ արգիլած էր հարսին այդ զբաղանքը (մենք կը յիշենք մեզի մաս չկազմող, դուրսէն պատահական բաները միայն։ Միւսները՝ մերինները, կ՚ապրինք ու կ՚ըլլանք) հաւնոցին դիրքին համար, որ շատ մօտիկն էր ծառաներու բաժինին։ Աւելի ետքը անդրադարձաւ, որ իրեն համար շատ յստակ զգացում մը կը կապուէր այդ սուտին։ Ան, ա՛լ մշտապէս կեսուր, ամէն կեսուրի նման, կ՚ուզէր իրաւունք ունենալ, ունենալ իրեն հետ նոյնիսկ տունին հաւերն ու ձագերը։ Ի՜նչ կը չարանար իր հարսին՝ անոր հեղինակած գեղեցիկ վերադիրներուն համար, որոնք սիրելի էին ամբողջ թաղին մէջ ու կ՚անցնէին բերնէ բերան։ Զսպելով իր դառնացումը՝ ան տուաւ կերը հաւերուն, որոնք սուզուեցան [25] գարիի հատիկներուն վրայ մռայլ ու ագահ։ Արագ, սուլող այս տեսարանին անասնական զուարթութիւնը չանցաւ երկու կիներուն ալ։ Գլուխ դարձուցին։ Աղուորն էր, կովերը առջին, խօսելով գրեթէ կենդանիներուն հետ, շոյելով անոնց հարուստ կողերը, որոնք սանտրուած, լարուած կը փայլէին, պատմելով մսուրքներուն պարարտութիւնը ու այն ընչեղ բանը, որ առատութիւնն է տունէն ներս՝ ցոլացող նոյնիսկ անշունչ իրերուն, դուռներուն իսկ վրայ, օրինակի մը համար։ Հարսնուկին այս պատկերը խորապէս վրդովեց երկու կիները։ Անոնք շոյող այդ մատներուն տակ տեսնել տարուեցան կարօ՛տը ուռած կողերուն, ու մէկէն ինկան, բիրտ ու գլխիվայր, կսկծալի այն հարցին մէջ, որ զանոնք կը չարչարէր տարիներէ ի վեր եւ որուն դժնդակ լուծումը վճռուած էր երէկուընէ։ Անիկա իրողութիւն պիտի ըլլար ամէնէն ուշը մինչեւ գալ ցերեկ։

 

Բաներ կան, որոնք մեզ մեր ներսէն կը դրդեն խօսելու, բայց կը վախնանք նոյն այդ բաներէն ու կը լռենք։ Տխուրը հո՛ն է՝ որ մեր վախը կ՚արդարացնենք ու մաս չունեցող պատճառներու կը բեռցնենք մեր չքմեղանքը։ Բայց մտահոգ ենք ո՛չ թէ կեղծիքէն, զոր կ՚արհամարհենք միշտ, այլ՝ ճակատագրովը պարտկել ջանացուածին, ու պահին ու այդ վիճակին լեղի ստուգութիւնը հիմնովին օտար որոշումներու կը վստահինք ու կ՚ընենք մեր ուզածին ճիշդ հակառակը։ Հաճի Աննան աչքովը հեղ մըն ալ զննեց պարապ բակը ու ամօթահար՝ փախցուց նայուածքը ծառային սենեակէն, իբր թէ եղած չըլլար անիկա հոդ, այդպէս յստակ ու անհերքելի։ Իբր թէ երեք շաբաթէ ի վեր ամէն օր, ծառային դաշտ մեկնելէն ետքը, չորս հեղ մտած չըլլար հոն, շօշափած աչքով ու մատին ծայրովը եղկելի խուցին բոլոր ծակուծուկերը, մեծ մասը խցուած հին քուրջերով, տախտակներուն ճռինչը ստուգած՝ իրենց հասողութեանը գիծով, ու նշան դրած, նոյնիսկ քսանէ աւելի անգամ նստած քիչ մը բացօք այն քարին վրայ, ուր ինք պոպոզէր պիտի, հարսը ներս նետելէ ետքը, սպասելու անոր դարձին։ Այս պատկերը կարմրցուց կրկին անոր դէմքը։ Ու զգաց ան ամօթին ջերմը, երբ իրականութիւն չէ դեռ, այլ՝ պարզ մտապատկեր մը, ու ատով՝ աւելի խռովիչ։ Վասնզի բաներ կան, որոնց իրականութիւնը հերքումն է մտապատկերին։ Ինչո՞ւ չէր վարժուեր սակայն։ Մտքովը բարձրացաւ վերի յարկը, հարսին հինաւուրց սենեակը։ Տեսաւ անոր անկողինը, մինակ ու պզտիկ։ Իր վարանումը խուժեց վերստին վրան։ Տառապեր էր այդ երկընտրանքին համար։ Երկու սենեակներէն ո՞րը։ Մինչեւ երէկ անիկա ընդվզած էր դժբախտ գաղափարին դէմ, որ կը ներկայանար ուղեղին, բռնաւոր ու տգեղ։ Ան կը վիրաւորուէր շատ խորունկ տեղերէ, երբ կ՚երեւակայէր տան ծառան մտած դարաւոր իրենց ընտանիքին ամէնէն սրբազան սենեակին մէջ, անորակելի այդ նպատակին համար։ Բայց նոյն ատեն կը վախնար այդ իսկ նպատակին հաշւոյն։ Վասնզի կիները հինե՛րը մանաւանդ նախապաշարումներ ունին մերձաւորութեան գործին վրայ։ Սուզուեցաւ իր ծրագրին ետեւէն, բոլորովին մեկնելով ինքնիրմէն, չտեսնելով Սարեկենց Բաբէթը, որ առած էր կործան տակառի մը վրայէն կէս գուլպայ մը, հիւսքին շիշերովը, շոյած, համբուրած, ու կը բանէր [26] շիշերուն ա՛յն օղակէն, ուր կեցեր էին անոր աղջնակին մատները։ Հաճի Աննան կը շարունակէր խորանալ, ամչնալ ու վախնալ։ Մէկէն խորհեցաւ հարսին, որ պիտի դառնար քիչ վերջը։ Ամէն զոհի ներկայութիւնը վարանք մըն է, երբ հաշիւը կ՚իշխէ մեր ջիղերուն։ Ամէնէն դաժան արարածը առնուազն կ՚ազդուի անմեղութեան անլեզու տեսիլէն, որ կը պտտի ու ոչինչ գիտէ։ Ու մեր կարգ մը մտապատկերները, կրկնուելով ու կրկնուելով, աւելի կարծր կը դառնան, քան փախստեայ ու աւրուող իրականութիւնը։ Ի՞նչ է խղճի խայթ ըսուածը՝ եթէ ոչ որեւէ փխրուն եղելութեան մը պողպատ սլաքի վերածումը մեր գիտակցութեան հնոցին մէջ, յարատեւ մխումներու գնով։ Հաճի Աննան պէտք կը զգար ազատ ու հեռու ըլլալու իր հարսէն։ Բայց ո՞ւր ղրկել, ու ինչպէ՞ս։ Աչքը ներսէն փոխադրեց դուրսին։ Ինկաւ անիկա Բաբէթին վրայ, որ մղուած ով գիտէ ի՛նչ ուժէ, վերցուց նայուածքը շիշերէն։ Նայեցան իրարու, խո՛ր, մեղաւոր, խեղճ ու դժբախտ, այնպէս՝ ինչպէս չէր եղած ատիկա մինչեւ օրս, տարիներէ ի վեր սակայն իրարու ծոց լացող զոյգ պառաւները [27] , [28] նոյնիսկ այն օրերուն, երբ քաղաքի հզօր բժիշկները ճշդեր ու պիտակեր էին Նալպանտենց Սերոբին տրամը եւ վճռած իրենց տղոցը բախտը։ Արիւնը սեւցուց [29] լոյսը անոր աչքերուն, աւելի խիստ՝ որքան չէր եղած ատիկա հեռաւոր քաղաքին հիւանդանոցին մէջ, վճիռը լսած պահուն։ Ու կու գային անոնք բռնի, սանձաձիգ անասուններու նման սա աղու [թոյն] [30] իրականութեան, զիրենք այդ վայրկեանին հոդ [31] դէմէ դէմ դնող ողբերգական պատճառին եւ որոշումին, որ հետեւանքն էր անոր։ Բաբէթին մատները կապուեցան, ըսես կղպուեցան իրենք իրենց, ու կախուեցաւ գուլպային կէս հիւսքը, օրօրուելով թելի մը բերնէն։ Աղուորը ներս կը մտնէր։

 

-- Աւլէ՛ պարտէզը։

 

Հրամանը կէս էր, յատակ չունեցող որոշումէ մը մեկնած, սխալ գտնուած, շեշտովը եւ ծանրութեամբը անբաւարար։ Բայց պառաւը լեցուց պարապը։

 

-- Չմոռնաս դդումներուն ջուրը։

 

Խաղաղ ու ամբողջ, [32] «լիքն» էին բառերը, որ տուին պատգամը։

 

Անոնք երկու ժամուան բաւող աշխատանք մը կը պատմէին հարսին։

 

Ապահով ու հանգիստ։ Այս զգայութիւնը տարածուեցաւ պառաւին ուղեղէն վար դէպի միւս հանգրուանները անոր մարմինին։ Անոր միսերը կը դառնային իրենց կաղապարներուն։ Այն ատեն նկատեց, որ թուլցեր էին պողին [33] կապերը։ Գէր կնիկ՝ անիկա ամէն առտու խնամքով ու ճաշակով կը տեղաւորէր փորին ուռեցքը։ Որովայնի դնդերներէն հաստկեկ շերտ մը ան կը սահեցնէր դէպի կոնքին քովնտի բացերը ու կը բանտարկէր։ Յետոյ, բարձի երեսներով, վերմակի պորտերով ու զանազան լաթի ուրիշ կտորներով կ՚ամրացնէր մէջքին պատը, հաւանական խուժում մը արգիլելու համար։ Կանխահոգ այս միջոցները կ՚ամբողջանային, երբ շալէ գօտին, գեղեցիկ ու նախշուն զրահի պէս աւարտէր այս զսպումի գործը։ Մէջքէն յետոյ, նոյն այդ պողը [34] ` պառաւներուն աշխարհիկ շուրջառը, խորհրդանշան ու հեղինակութի՛ւն, կը պարտկէր վերէն վար մարմնի թափթփածութիւնը, զգեստներուն հաւանական վէրքերը՝ աղքատիկ կիներու զիստերէն, եւ ուռած սրունքները։ Այդ է պատճառը, որ ժամ չգացած՝ արարողութիւն է զայն հագնիլը։ Ժամէն դարձին՝ պառաւներուն առաջին հոգը կ՚ըլլայ քակել ու նորոգել կապուածքը։ Անկէ յետոյ է, որ անոնք կը խորհին օրուան ընթացիկ պէտքերուն։

 

Հաճի Աննան քակեց լաչակին ալ հանգոյցը, որ ամառ թէ ձմեռ անփոփոխ կը պահէր իր շինուածքը։ Ու երեւան եկան երեսները, [35] թոռմած՝ բայց վայելուչ, մա՛նաւանդ արու եւ վճռական կնիքով մը։ Այդ իսկ դէմքէն կը հասկցուէր, թէ անիկա գեղին մէջ իր անունն ու արժանիքները վաստկած էր դառն ու թանկ փորձառութիւններու գնով։ Ասիկա կը կարդացուէր առաջին ակնարկին։ Վասնզի ներանձնացած ու բուռն, սպառող կեանքի մը պակասը կը զգացուի ամէնէն շատ մեր դէմքին վրայ, որ չի տարբերիր հասարակ միսի կտորէ մը՝ դուրսէն ու հաստ ապրողներուն մօտ։ Կինը սեռ չունի, երբ զուրկ է այս ներքին իրականութենէն։ Ու մեր առջեւէն հոսող բիւրաւոր դէմքեր, այր թէ կին, միսի կտորներ են գրեթէ միշտ, զուրկ՝ որեւէ կնիքէ։ Կ՚ազնուանայ դէմքը, երբ ներսէն բան ճառագայթէ դէպի դուրս։ Ապրում ու տաղանդ, նրբութիւն ու տառապանք գրուած են շատերու ճակտին։ Ու հաճի Աննան տարիքին ու հարստութեան ճնշումը չունէր միայն իրմէ դուրս թափող։ Սա պահուն, անոր աչքերուն արտայայտութիւնը կրկնապէս խորացած էր դէպի ներս, զինքը բացակայ ընելու չափ իր շարժումներէն։ Բայց ինչո՞ւ կը ճմռէր քիթը, յօնքերը, պռկունքները։ Մենք կը յոգնինք, տարօրինակ ուղեղային անարիւնութեամբ մը, շատ արագ, ծանր որոշումներով հերկուած [36], կայծակուած ոլորտի մը մէջ, ու այս խոնջէնքը ֆիզիքական է գրեթէ։ Խիստ ճնշումներու ենթարկուած հոգին այլեւս կը դադրի իր օրէնքներէն (եթէ երբեք կան ասոնք)։ Մտածումը զայն (հոգին) սանձահարող, կանոնաւորող, արտաքին, անբաւական ու դժբախտ միջոց մըն է այն պահերուն։ Ու կենսական տարողութեամբ, բուռն ոչ մէկ շարժում կ՚ազդուի անկէ։ Այլապէս ըմբռնելի չէին ոճիրները։ Բայց կան ասոնք։ Ու անոնց հեղինակները իրենց օրերուն ստուարագոյն բաժինին մէջ նման են մեզի բոլորովին։ Հաճի Աննան դժուար, գրեթէ ինքնիրմէ օտար հնչումով մը նետեց իր բերնէն.

 

-- Նե՛րս։

 

Ու մտաւ ինք, շեշտ ու խիստ, առանց սպասելու Բաբէթին, որ ինչպէս միշտ, կամազուրկ, բայց խռով՝ հետեւեցաւ անոր։

 

Այդ ներսը բակի մեծ սենեակն էր, կառուցուած՝ երբ հնօրեայ գերդաստանը ստիպուեր էր փոքրելու ընդարձակ, պալատանման բնակարանը ու վերածելու անոր համեմատութիւնները ժամանակին պահանջին։ Գեղին միւս մեծ տուներուն վիճակուած բախտը կը կրկնուէր։ Եղբայրները ամուսնութեան յաջորդ տարիներուն արդէն կը քաշուէին պապենական օճախէն ` կազմելու համար առանձին տուն ու տանիք։ Այս ճիւղաւորումը անպէտ բանի մը կը վերածէր դար մը առաջուան ագարիկոնի [37] նմանող երկարուն շէնքերը։ Նալպանտենց տունը բացառութիւն չէր կազմած, ու հաճի Աննան ի՛նք տուած էր վարպետներուն ծրագիր ու ճաշակ։ Հիմակուան ձեւը ` ընթացիկ ու թեթեւ, տիպարն էր գեղի երկյարկանի բնակարաններուն։ Ու բակի մեծ սենեակը, անոր խոհանոցն ու հացատունը, ճաշարանն ու հաւաքման սենեակը։ Ինչո՞ւ հոն մտաւ ան ու ո՛չ վերի յարկի լայն, զարդարուն հիւրանոցը, ուրկէ ձայնը դժուար կը հոսէր, բռնուելով պատերու գորգէն։ Հաճի Աննան ճիգ չըրաւ բացատրելու մտքին մէջ ուրուացող այս հարցականը։ Քաղցր աչքերով նայեցաւ զոյգ պատուհաններուն, որոնք թոնրատունը լուսաւորելէ աւելի՝ կը ստուերէին կարծես, հաստ պատերուն ծոցը, նուաճուած ու մռայլ։ Բաներ կան, որ մեր ներսի մութէն կ՚ախորժին։ Օճախին կրակը մարած էր բոլորովին։ Անոր մէկ անկիւնէն, ապուրին պտո՛ւկը, աղօտ ու իրաւ, որուն կողերէն խանձած երիզներ իրենց սողոսկումները չորցուցեր էին։ Թանապուրը յորդած էր։ Այսքա՞ն մտազբաղ հաճի Աննան, եփը փախցնելու աստիճան։

 

 

Չգոցեցին ապակիները, որոնք պատի ծեփին մէջ հիւսուած կը թուէին։ Մեղքի պահերուն՝ մենք կը վախնանք ամէն փոփոխուող բանէ։ Գուցէ մեր ներսին անհուն թրթռացումն է պատճառ այս մռայլ անգործութեան, վասնզի նժարին նետած ենք մեր փոքրագոյն իսկ մասերը։ Ու թերեւս քիչեր գիտեն, թե մեղքը խնայում մըն է, մինչ ծանօթ է բոլորին, որ շարժումը վատնում է։ Փակ պատուհաններ, մեղքի սենեակի մը մէջ, անշո՛ւշտ որ կը վայլեն։ Բայց կու գայ րոպէն, երբ բացերը գոցելու համար մեր սարսափը կ՚ըլլայ երբեմն շատ բուռն։ Ու մենք կը գամուինք մեր կրունկներէն։ Ու կը գալարուինք մեր երիկամներուն վրայ, չպայթելու անձուկով միայն մտահոգ։ Հաճի Աննան, ինչպէս բոլոր մեղաւորները՝ պիտի վախնար փակ պատուհաններէն։ Ու ըսած ալ են, անոնք աչքն են տուներուն։

 

Դեռ չէին նստած, երբ փողոցէն ձայնը փրթաւ հացեփ [38] Մարթային։ Եզնիկենց հարսներուն ան հրահանգ կու տար ալիւրը տաշտ ձգելու եւ թրելու։ Լայն, ազատ, առատ այդ ձայնին ետեւէն երկու պառաւներուն մտքին մէջ յստակ պատկերացուեցաւ հարսնուկին (ամէն կնիկ, կեսուր չեղած, հարս է, քիչ մը աւելի փոքր՝ հարսնուկ) հրաշագործ, պատկառելի որովայնը, ուրկէ վեց տարուան մէջ վեց մանչեր աշխարհ ինկած էին, վրայէ վրայ, զոյգ-զոյգ, զոյգ տարիներու ընթացքին, մնացեալ երկուքն ալ՝ տարուընակ ընդհատելով։ Ոչ մէկուն քիթը արիւնած էր մինչեւ այդ օրը։ Մարթան, փարթը բերնին [39], փուռ մը հացը շալկած, կը բարձրանար բոլոր սանդուխներէն օրական վեց-եօթը անգամ, մօտ կամ հեռու տուները։ Ու անոր որովայնը կը մնար ամուր՝ քարէ պատի մը պէս։ Բարքերը մօտ էին փոխուելու։ Ամուլները թիւ կը կազմէին։ Ու «անցնող» տղաքն ալ կը շատնային։

 

-- Ցամաք հաց է կերածը, - մտածեց բարձր հաճի Աննան, հակադրելով սնունդը, որուն ենթարկուած էր Նալպանտենց հարսը։

 

-- Աստուածուկը կ՚ողորմի անոնց, - արձագանգեց Բաբէթը, վշտահար ու նկուն։ Չորս տարի է, անիկա կը զարնէր անոր ողորմութեան դուռները իր աղջկան արգանդին համար, ու չէր լսուեր։

 

-- Երնէ՜կ իրեն…

 

Մարթային փորը ուռեցք էր կրկին։ Ու կեսուր չունէր անիկա։ Ու անոր պարոնտատը, անդամալոյծ, կը պառկէր կռնակին վրայ, եօթը տարիէ  իվեր` կազմելով հարսին դժուարագոյն զբաղումը, ու անոր էրիկը օտարի արտին վրայ կ՚աշխատէր օրավարձով։ Այս բոլոր պայմաններուն տակ՝ անիկա կ՚ապրէր զուարթ ու թեթեւ: [40] Կորովի [41] առատութեան այս կենդանի զեղումը, պտտող ամէնուն դիմաց, կշիռ ունէր մա՛նաւանդ Բաբէթին վրայ ու խղճի խայթի մը պէս տպաւորեց բարի կնիկը, որուն արգանդը բարեբեր չեղաւ, չըսելու համար՝ ամուլ։ Աղջիկը երրորդ ու վերջին պտուղը եղաւ անոր հիւանդ արգանդին։ Ու դուք չէք գիտեր, թէ ի՜նչ խեղճ, աննշան թիւ է երեքը, գեղի մը տունին մէջ, երբ նկատի առնուին պահանջները։ Կեսուրը իր տեղն ու անունը կ՚ուզէ իր բոլոր հարսներէն ալ։ Կ՚ուզէ նոյնպէս կեսրայրը։ Կ՚ուզեն քեռիները, հօրեղբայրները, նո՛յնիսկ քիչ մը հաստկեկ կնքահայրը։ Բայց կ՚ուզէ մա՛նաւանդ մահը, որուն բաժինը առիւծի բաժին է, երբեմն։ Այս ամէնուն հասնիլը պարտք մըն է քաջարի հարսին։ Ու կռիւներու ընթացքին ամուլ կամ սակաւաբեր արգանդները տեղն ու տեղը կը խարանուին հեգնութեան, նախատինքին աղերովը։ Ձայնը կրկնուեցաւ Մարթային, այս անգամ ուրիշ հրահանգի մը վրայ ու հատկտուն [42] այդ կանչը, ինչպէս անոր թալթլուն քալուածքը, ճիշդ կը նկարէր անոր փորին գմբէթը, որ պատուաբեր էր մատուռի մը գդակին չափ։ Տարօրինակ փորձառութիւնը անոնց ականջներուն։ Մէկէն տեսան, որ նստեր էին, առանց գիտնալու, թէ երբ։ Ծունկի՛, ինչպէս կ՚ընէին ատիկա, եկեղեցին, սուր ու ուժգին մխելով իրենց ձեռքերը իրենց գօտիներու փաթին մէջ։ Ու զգացին, որ կը վախնային ձայնէն, ուրկէ՛ ալ գար անիկա։ Անոնք լարուած յուզումով սպասեցին, որ վերջանայ աղօթքը.

 

-- Մա՜յր սուրբ, սքանչելի լուսոյն,

 

զոր բոլորովին կուրցած տղեկ մը, ատեն մը գեղին աչքին լոյսը՝ իր ձայնին համովը, մատղաշ ու աղջնակի մը չափ նուրբ, կ՚եղանակէր սրտառուչ պարզութեամբ մը։ Անշուշտ, պառաւները չէին հասկնար հնօրեայ օրհներգին անհուն հոծութիւնը, հեթանոս դարերէն զտուած ու նոր կրօնքի մէջ թշուառնալու ստիպուած ողբագին գեղեցկութիւնը, որոնք ծրարուած կը մնան բառերուն պատանքին տակ։ Բայց գիտէին, թէ ո՞վ է մայրը։ Ու քանի՛ երգը կ՚առաջանար, ա՛յնքան կ՚այլայլէին անոնք, մա՛նաւանդ եղանակին այրուցքովը, որ կը կճէր, կը ցնցէր անոնց ուղեղը եւ կը վազէր, կրակի թելի մը պէս՝ մինչեւ ուրիշ անկիւնները իրենց մարմինին։ Մայր էր այդ պահուն, եղկելի Բաբէթը, իր անմուրատ արգանդէն։ Ձայնի այդ բեկորներուն վրայէն անիկա յիշեց, օ՛րը, տակաւին երէկ, Աստուածած ը, իր բազմերամ կնունքներովը, կատարուած բարի ու զուարթ պարզութեան մը մէջ, մեծ մասը աղքատիկ տուներէ։ Ի՜նչ կսկիծ էր անցեր իր աղիքներէն։ Ինչպէ՜ս պաղատեր էր Մայր սուրբին, որ քաղցր նայի զաւկին ու իր ծերութեանը վրայ, ի՛նք՝ հոգին ընդմիշտ ծախելու մօտ մեղքի մը դուռին, աղջի՛կը՝ գալիք փորձանքներու կծիկին դիմաց։ Ու իր մոմը լաւ չէր խօսած։ Հիմա կ՚ուզէր անիկա լռել, լռել միշտ։ Չհարցնել, չհասկնալ մանաւանդ։ Իր վրայ գործադրուած այս ճիգին իբր հակազդեցութիւն, երբ իր կզակները կը ջանար իրարու հիւսել, փախաւ, թռչող թռչունի մը պէս, իր բերանէն հարցումը, որ կը չարչարէր զինքը քսանչորս ժամէ ի վեր.

 

-- Տէրտէրը ի՛նչ կ՚ըսէ։

 

Քսան օր կար, օրը հեղ մը ծեծուած ու մէկդի դրուած հարցում։

 

Երէկ առտու, կնունքներէն խորապէս վիրաւոր, տօնէն ու պատկերներէն քիչ մը խելայեղ, որոնք աշնային սրսփուք մը կը քամէին իր երակներէն՝ անիկա Ժամուն փողոցը նեղի դրուած հաճի Աննայէն, քիչ մը ամօթով ժամուորներուն պինդ աչքէն, ծախեր էր իր հաւանութիւնը Նալպանտենց տիկինին այս յանձնառութեամբ։ Հաճի Աննան, վճռական քայլէն առաջ, պարտաւոր էր տէրտէրը առնել կատարուելիք ծրագրին մէջ։ Իրողութիւն էր, որ հաճի Աննան խոյս էր տուած ամէն պարտադրումէ, նոյնիսկ վերջին այդ վայրկեանին (թէեւ աղքատիկ, բայց բարի խնամի մը ոչինչ կրնայ պարտադրել իր հարուստ ու ամենակար խնամիին)։ Հիմա խղճալի բան էր տեսնել Սարեկենց Բաբէթը, ինչպէ՛ս կը դողար ծունկերէն մինչեւ շրթները։

 

-- Տէրտէրը թող ուզածը ձեւէ։

 

Պատասխանն էր հաճի Աննային, խիստ ու զուսպ բարկութեամբ մը, ինչպէս երէկ առտու։ Հիմա անոր շեշտին կ՚աւելնար վճռական ու դէգ այն բանը, զոր կը ճարենք գուցէ տեղէն, տունէն, պատեհութենէն, մեզ շրջապատողներէն, առնուազն ներքին հեղինակութենէ մը, եւ [43] որ կամքի առատ մթերք մը կը մատնէ մեր մօտ եւ կը ճկէ, կը խոնարհեցնէ մեզի՝ անկէ նիհարները։

 

-- Տէրտէրը թող իր տունին խառնուի։

 

Դարձեալ հատու եւ դաժան։ Անիկա մեծ դիւրութեամբ պիտի բերէր «ջուր՝ հազար առուէ», զանց ընելու համար այդ յիմար միջամտութիւնը օտարին, միանգամայն ինքզինքը պարտադրելու։ Երկու շարժում՝ ձեռքի ու յօնքի՝ բաւ էին, որպէսզի անոր բերնին՝ օրուան փոքր ու լոյծ փաստերը դառնային անառարկելի ստուգութիւններ, վճռուած ու վերջնական եւ արդա՜ր, այնքան գերազանց է անհատականութեան դերը պատահարներու գնացքին ու կշիռին վրայ։ Շո՛ւտ, կտրո՛ւկ, դիմացկուն բառերով, առանց ծունկ իսկ փոխելու, բայց ահագին իրանը թեթեւ տաշեղի մը պէս խաղցնելէն՝ անիկա յօրինեց բերնով ու մարմինով իր դատը պաշտպանող, սրբացնող [44] պատկեր մը, ուր մուտք ունէին չորս հատ վաւերական դէպքեր, մօտիկ անցեալէն, բոլորը ծանօթ, աւա՜ղ չափէն աւելի ու, «փողոց թափած», բայց որոնք խնայուելիք ողբերգութիւններ էին, տան մը տանիքին, ամուրբերան կեսուրի մը կամ քչիկ մը խելահաս մօր ու հարսի շրջանակին մէջ սմքելու, թխմուելու սահմանուա՜ծ։ Ու տարուած էին եղերական արդիւնքներու, քահանային թուլբերանութեանը պատճառով։ Մնաց որ, կատարուելիքը, հիմա՛, այնքան անսովոր՝ իր մեղօք նկարագրովը՝ հակառակ կու գար ամէն կարգադրութեան։ Ու դարձեալ, Նալպանտենց հաճի Աննան, աշխարհք տեսած ու մարդիկը չափած, մազին թելն անգամ վստահիլ չէր կրնար տան երէցին, տէր Մինասին, որ փոխանակ կնիկ գալու, սխալմամբ էրիկ էր ծնած, ու արարողութիւն, հոգեհանգիստ, նոյնիսկ հալաւ մոռնալու գնով հոգի կու տար խօսելուն, իր բառովը՝ խորաթելուն ։

 

-- Լեզուն չկապողը՝ տոպրակը հէչ չի կապեր։

 

Տոպրակը՝ հաճի Աննայի մտքին մէջ՝ մութ, ծակուծուկ չունեցող խղճմտանքն էր կարգաւորին, ուր պէտք էր իյնային ու թաղուէին անվերադարձ մեծ ու փոքր մեղքերը, ու անոնց խոստովանանքը։ Տէր Մինասի՞ն խղճմտանքը։ - Հաճի Աննան հիմնովին կ՚արհամարհէր, առանց իր այժմու ծանր տագնապին, թուլբերան քահանան, որ փէշերը ժողվելէն՝ կը փնտռէր ու կը հրահրէր կիներուն հաւաքումները, կ՚ուշանար անոնց մօտ ժամէն դարձին, ա՛յնքան՝ որ թոռները կու գային, ձեռքերէն կը քաշէին բռնի, զինքը տուն, [45] հացի կանչելու։

 

-- Ամէն խոստովանանք տէրտէրին չ՚ըսուիր։

 

Այս քանիերո՛րդ անգամն էր, որ հաճի Աննան ժողովրդական առածը կը կրկնէր Բաբէթի ականջին։ Բացի հանրածանօթ դրուագներէ, անիկա, ամէն անգամի, պատմութիւն մը կը կցէր իր առածին, պաշտպանելու համար իր ճշմարտութիւնը։ Ինքնատիպ, սուղ, աղի այդ պատմութիւնները կը սկսէին զուարթ դէպքերով։ Պարզ էր անոնց գնացքը, ու ծիծաղելի՝ անոնց հանգոյցները։ Բայց կը մղուէին դէպի արիւնոտ վերջաբաններ, ուր դանակը կը գործէր յաճախ անդարմանելի աղէտներով, առնուազն խորունկ վէրքերով, երբ տէրտէրը տոպրակին մէջ երբեք արեւ չտեսնելու սահմանուած այդ  դէպքերը քիչիկ մը զարդարած, չըսելու համար՝ խեղաթիւրած, միշտ երդումով ու գաղտնի մնալու պաղատագին խնդրուածքով մը կը հրամցնէր հանդիպողին։ Ասիկա այսպէս էր տակաւին կարգ չառած։ Չգիտցողը օրնի տղան էր միայն։ Ու կը զարմանար անիկա խնամիին կարճմտութեան ու յամառութեան վրայ։ Ու մտքով անդադար իրաւունք կու տար ժողովրդական ուրիշ ասութեան մը, որ այնքան կարճ խելք կը կտրէ երկայն մազերուն։ Ստոյգ ալ էր, որ խնամի Բաբէթը գեղին երկայնագոյն մազերը ունէր։

 

-- Ինչո՞ւս է պէտք տէրտէրը։ Շիտկէ շիտակ Աստուծո՛յ։

 

Բաբէթը շատ լաւ գիտէր, թէ այս բառերուն անմիջապէս պիտի յաջորդէր ուրիշ նախադասութիւն մը, հպարտ ու լայն, շեշտովն ու տարողութեամբը, որ ճիշդ թիզ մը կը բանար հաճի Աննային մանր բերանը ու կ՚աղուորցնէր անոր գուշիկ [46] կզակը։

 

-- Ես ուխտ եմ ըրեր։

 

Յետոյ կը հանգչէր, ու շունչ կ՚առնէր երկար, կարծես պարպուած վստահութիւնը վերստին բռնել ու ետ բերել ուզէր։

 

Ծանր ձեռնարկներու սկիզբին՝ երկինքը կաշառելու այս կերպը հասարակաց է գեղին բոլոր ծերերուն։ Գնում ու վաճառք, նշանտուք ու բաժինք, հանրային կեանքի ամէն կարեւոր երեւոյթ կ՚անդրադառնայ անոնց հոգեկան բարեխառնութեան։ Ու նոյնիսկ գեղերէն դուրս, քաղաքներու մէջ այս տրամադրութիւնն է, որ կանգուն պահեց մեր եկեղեցին ու իմացական հաստատութիւնները։ Տեսած ու անցած, հեղինակաւոր ու մինչեւ այդ օրը հարուստ հաճի Աննային համար ուխտը վայլուկ, համով ցոյց մըն էր։ Մնաց որ, անիկա երբեք չխաբուեցաւ երկինքէն, որուն յաճախ դիմելու պարտադրեցին զինքը իր երիտասարդութեան անցուդարձները։ Իր տունը, կալուածները, մուրհակները ի՜նչ պայքարներու, [47] սիրտհատնումի գնով ան յաջողած էր ետ խլել առիւծներու ժանիքէն, ու քանի՛ կ՚առաջանար տարիքէն ներս, ա՛յնքան խելք ու տաղանդ կը դնէր իր փորձառութիւնները արժեւորելու։ Վասնզի ի՞նչ կը կարծէք որ գեղն ըլլայ։ Ապահովաբար սխալ մաս մը ունի իր մէջ ձեր մտապատկերը։ Նախ՝ անիկա հեքիաթ մը չէ հովուերգական, բանաստեղծական, ուր ձեզի ծանօթ բոլոր գոյները եւ տարրերը կը հիւսուին իրարու` կազմելու համար քաղաքին հակադիր պատկերը եւ բոլոր ընթացիկ, հասարակ-տեղիքները [48] ։ Արշալոյս, վերջալոյս, հովnւուհի ու սրինգ։ Ատոնք կարելի է գոյութիւն ունեցած ըլլան գիրքերու վրայ։ Անիկա, գեղի կեանքը, մշտական լարուածքի, խելքի ու կամքի, անգթութեան եւ զրկանքի խառնուրդ մըն է, «անողոք պայքար» մը, որուն մէջ յաղթականը միայն հաց կ՚ուտէ։ Պարտուա՞ծը։ - Անորակելի անասուն մըն է, ամէնէն դժբախտը բոլոր արարածներուն, որոնք գոնէ երբեմն կուշտ բռնել գիտեն իրենց փորը։ Ու գեղացին իր ոսկորն իսկ չի կրնար ուտել, զայն տղայ հասակէն ծամած, սպառած ըլլալուն։ Ձեռքը ծունկին հասնող [49] ամէն գեղացի կա՛մ իր պապերուն խելքն է, որ վերածած է հացի, կա՛մ իր իսկ խելքը։ Աւանդութիւն, օճախ, ազգականներ թանձր բառեր են գեղին համար։ Անցեալը տիրական եղելութիւնն [50] է հոն։ Ու ամէն անգամ, որ հաճի Աննան գործ ունենար  –-եւ որքա՜ն ալ շատ ունեցաւ-–  իր շրջապատին հետ, կը սուզուէր ներս իր անցեալէն։ Ամէն սուզում իրեն կ՚արժէր ախոռէն կամ հաւնոցէն կենդանի մը։ Բայց կը վարձատրուէր։ Վասնզի անմիջապէս, որ ան զգար իր մէջ հեղուիլը այդ անցեալին, կը փոխուէր, կը նորոգուէր հիմնովին։ Արդէն ծանր իր շեշտը կը դառնար կարծր ու անհանդուրժելի։ Հարստութիւնը ու ասոր հետապնդումին մէջ զետեղուած փառասիրութիւնը երբեմն մեզի կը բերեն նոր կարգի գոհացում մը, որ հասարակ բառով չտեսութիւն կ՚անուանուի, բայց տարբեր է անկէ։ Հոգիին չտեսութիւնն է ատիկա, որ ձայնին մէջ կը լիանայ մեծ չափով եւ մասամբ ալ կը տարածուի յօնքերու եւ ճակտի յարդարանքին [51] ։

 

-- Ալուկը մորթե՛մ պըտը։

 

Ախոռին գեղեցկագոյն երինջն էր, զոր կը սիրէր գուցէ [52] իր հարսին չափ, բայց կը խնամէր անկէ աւելի, մա՛նաւանդ սա վերջին տասնհինգ օրերուն, առանց ճշդած ըլլալու ինչո՛ւն։ Այս հոգածութիւնը ահա կը վերածուէր իր վերջին բանաձեւին ու կը լուսաւորէր յուսաւէտ վստահութեամբ մը մռայլ պառաւը, որուն հոգին «կանթեղ» չունէր չորս տարիէ ի վեր, մարած ըլլալով իր սրտին իսկ տունէն։ Զոհողութեան գիտակցուած կշիռէն աւելի միշտ շահած էր Աստուծմէ, թէեւ դժուարութեամբ–, անիկա այդ րոպէին քաղցրացաւ ու լայնցաւ ուրիշ հեռանկարով մը։ Յոյսը այդ խաղերը կ՚ընէ երբեմն ` կրկներեւոյթի մը պէս բռնելով հոգիին կամարները։ Ան, թափուելիք արիւնին մէջէն, իբր թէ փայլակի մը ընդմէջէն, տեսած էր իր երազը, որ ծաղիկ կու տար, Աղուո՛րը՝ ծոցուո՛ր՝ տղայ ժառանգով մը։ Տունն ու տեղը փրկուած թշնամիներուն ժանիքէն։ Պատկերին գեղեցկութիւնը անդրադարձաւ արդէն քաղցր անոր դէմքին, ինչպէս չեղող արշալոյսի մը հեռանկար ցոլքը, ու ըրաւ զայն մեղմ ու գարնային։ Ամէն զոհի -–քանի՜ Ալուկներ ինկած էին անոր հաշիւներուն-–  անիկա անցած էր յոյսին ու անոր հետեւող կապոյտ ու դեղձան խաղաղութեան սա ծփանքէն։ Այնքան ճիշդ է, որ բարիքը –- ընելը–-  ֆիզիքական, արտաքին զգայութիւն մըն է մենէ շատին մէջ, բայց զգայութիւն մը։ Անոր նայող մը դժուար պիտի գտնէր վրան քիչ առաջուան չարակամ, վհուկ պառաւը։ Ու կը նմանէր միւսներուն, որոն ք թոռներուն օրանը եւ հարսներու երկունքի մահիճը այցելել ունեցան։ Արարածներուն ամէնէն տխուրն է այն կինը, որուն բախտը զլացած է այս գերագոյն մխիթարանքը։ Ու զինաթափ էր դաժան պառաւը։

 

Խնամին՝ լո՛ւռ, ծունկ անգամ չէր փոխած, ուղտի պէս նստելով իր ոտքերուն վրայ։ Ան գոհ էր պատկերին այս կերպ թաւալումէն։ Ան գոց գիտէր այս տեսարանումը [53] իր յետին ու անփոփոխ մանրամասնութեանց մէջ, ըրած ըլլալով ատոր սովորումը, թափանցումը տարիներու վրայէն։ Գիտէր նաեւ, որ նման պահերու խեր ով չէր ընդմիջել երազին քալուածքը, քանի որ շեղումը, զառածումը կ՚աւրէր փախստեայ այդ պայծառութիւնը ու զիրենք, երկու պառաւները, կը նետէր աւելի դժնդակ վէրքերու ձեռնումին։ Զրկանքը կը թանձրանար իրենց աչքին։ Թշնամիները կը հեգնէին իրենց ամուլ արգանդները աղջիկը զաւակ չ՚ընդունուիր ու չի կրնար փոխել տունի մը ճակատագիրը եւ ժանիք կը սրէին դէպի գեղեցկագոյն պարտէզները՝ Նալպանտենց հաճի Աննային։ Ու խնամի Բաբէթը, մեղաւոր՝ ո՛չ իր աղջիկովը, բայց գեղին դատաստանին մէջ մտած իր անորդի ճետովը [54], պիտի նայէր կոտրած ու կոր՝ ժամուորներուն, եթէ փողոց ըլլար իր ոտքին տակինը, ու պիտի չզատէր աչքերը կօշիկներու քիթէն, կամ ինչպէս հիմա՝ մոխիրին սա ձիւնատիպ աղուամազէն, որ ամէն ուժով շարժումի, ինչպէս շունչի հետ, թեւ կը փորձէր ու կը բաժնուէր յատակէն ` երջանիկ ու թռչող։ Անիկա պիտի լռէր ` խորանալու [55] համար դէպի դաշտերը իր հոգեկան պատկերներուն, ամփոփելով իր փոքր սրտին վրայ ապրելուն մեծ, ծանր առեղծուածը, չհասկնալու, չհասնելու [56] ամբարիշտ իրողութիւնը ու շատ վերերը մնացող Աստուծոյ կամքը։ Ի՞նչ ըրած էր ան աշխարհին, արժանի կեցուելու համար սա խստագոյն պատուհասին, որ կրնայ զարնել մայրերը։ Ու պիտի ըլլար անիկա անկարող, դժբախտ, յիմար կտոր մը բան՝ ապարժէք միս ` նետուած կեանքի ջուրերուն վրայ, ուրիշին կապուած, ուրիշին գերի, խեղճ, անկշիռ ու անկանգնելի։ Մինակ ա՛տ ըլլար։ Ատ սուզումի վայրկեաններուն ան պիտի տարուէր տակաւին մտածելու ուրիշ բաներու, ուրիշ հարցերէ [57], կողմով մը կեանքէն դուրս, բայց կախուած անոր վրան, երբեմն իջած ու լման ալ փակած, այն ամէնը, զոր սովոր ենք մեղք կամ երջանկութիւն կոչելու։ Հացէն դուրս, էրիկ-կնիկի անկողինէն դուրս, օրանին ու ցորենին, գինիին եւ իւղին համերէն դուրս ա՜յն վտանգաւոր բռնկումները, որոնք՝ լեցուն հրազէններու պէս՝ կը սպասեն մեր սենեակներու պատէն ու այնքան խելօք են ու հլու՝ մեր մատներուն։ Մեր կիրքե՜րը, ատանկ պարզ ու քիչցուած, գեղացի կնիկներուն հոգիին կաղապարովը վճռական ու խենթ, որոնք խոյի գլուխներու պէս կը ծեծեն մեր ներսի փափուկ դուռները եւ իրենց հետ կ՚առնեն ու կը տանին մեզ։ Ի՜նչ ուժ է մանկամարդ հարսի մը աչքէն արձակուած թելը, կիներուն բառով՝ պատրոյգը, որ երբեմն երկու երիտասարդներ, երբեմն երկու տուներ, մինչեւ իսկ երկու գեղեր իրարու դէմ կը լարէ (գեղացին չի գիտեր, որ երբեմն երկու աշխարհներ ալ կը մտնեն այս կախարդ ուռկանին մէջը եւ տարիներով իրար կը բզկտեն) եւ երկուքն ալ կը խորտակէ։ Կեանքէն դուրս այս բաներուն խորհրդաւոր համը, հզօր համը, որ ոճիրներ կը հասունցնէ ու արեւներ կը մարէ։ Սէ՜րը, այսինքն՝ մեր կեանքին այն մասը, որ դուրս կը մնայ մեզ ընդքարշող հիմնական հոգերէն եւ մութերը կը փնտռէ, բայց որ անակնկալ վայրկեանին կայծակի մը պէս կը պատռէ [58] ու կը սպառէ։ Ու կը զարհուրէր իր հաշւոյն պարզամիտ կինը, վասնզի կը գտնուէր նման դուռի մը առջին, որուն ետեւը ճակատագիրը դիզած է անկազմ ժամանակը իր ցաւերուն ու բարիքներուն՝ անսպառ հակերովը [59] ։ Ի՞նչ կը սպասէր իր Աղուորին, եթէ ինք ` անոր մայրը, հրէր դուռը, բանար կէս, մխէր ներս իր աղջիկը։ Այս մտապատկերին դէմ անոր մազերը կը փշանային, աչքերը կը մթնէին, ու ներքին սարսուռը կ՚անցնէր շրթներուն, որոնք թիթեռի թեւերու պէս կը բաբախէին, բայց չէին կրնար խօսք արտաբերել։

 

--  Ինչո՞ւ ձայն չես հաներ։

 

Միշտ հաճի Աննան պիտի ըլլար խօսողը։ Միշտ ան կ՚ուզէր, որ լուռ ըլլար խնամին։ Ու ամէն բան ընթացած էր մինչեւ հիմա՝ նման իր շինածին։ Անոր ներքին իրականութիւնը, ամիսներով կրկնումներու ընթացքին, թանձրացեր էր` վերածուելու համար միակտուր ամբողջութեան, ուրկէ դժուար էր մասնիկ փոխել։ Այսպէս դէմն առած խնամին, պիտի կրկնէր նոյնաբառ ու նոյնաշեշտ նախադասութիւնները, կտրտուած նոյն հարցումներով ու հանգիստներով։

 

-- Չօգտե՛ց՝ մենծ քիւփը ։

 

Պատմութիւն ունէր Նալպանտենց հաճի Աննային գուբը, զոր շատոնց հող դարձած անոր ամուսինը` հողի մեծ սիրահար մը, իր պսակին տարին գտած էր գետնին տակէն, խոպան իր մէկ արտը քիրիզմէ [60] ըրած ատեն։ Հսկայական ու մէջը փորուած քարէ այդ կարասները լիճին եզերքի բոլոր գեղերուն մէջ հանդիպելի են, ու նիւթ՝ վէճի, հեքիաթի, իրենց պարունակած առասպելական հարստութիւններով։ Գեղացիին երեւակայութիւնը կը միջամտէ եւ կարասը կը լեցնէ ոսկիով ու արծաթով ` բացատրելու համար այսինչ ընտանիքին յանկարծական բարգաւաճումը։ Իրողութիւնը ան էր, որ հաճի Աննային կարասը, ինչպէս բոլոր մարդահասակ ու աւելիները, ներսէն պարապ՝ իրենց դուրսի փորին վրայ գիծեր ու պատկերի նմանող փորուածք ունէին։ Վէ՞ճ։ Որքա՛ն որ կ՚ուզէք։ Նալպանտենց բաժան-բաժան հեռացած ու ճիւղաւորուած ընտանիքին ամբողջ միութիւնները ոտքի ելան ու գտան բանաձեւ։ Անոնք հողին երեսը միայն բաժնուած էին, ու կը պահէին իրենց իրաւունքները յատակին վրայ։ Գառնուկով մը ձեռք ձգուած ֆէթվա [61]  մը սրբագործեց [62] այդ պահանջը։

 

Ուրիշ գառնուկով մը նոյն աղբիւրէն ձեռք ձգուած ուրիշ ֆէթվա մը չուշացաւ հերքելու առաջինին պատգամը։ Հօրեղբայրներու եւ տղոց միջեւ կռիւը պիտի յանգէր արիւնի, եթէ հաճի Աննան, այն ատեն առանց վերադիրի, ճարտար դարձուածքով մը չմարէր խռովը, իր ողջուցը միայն տիրանալով անոր, մահէն ետքը ժամուն կտակելու պայմանով։ Ծերուկ տէրտէրը հաստ տետրակի մը անկիւնը արձանագրեց ժողովին եւ դատախազներուն որոշումը եւ այդ գիրին տակ տեղաւորեց առաջաւոր վկաներուն մատերուն նշանը՝ սեւ մելանով։ Մինչեւ այդ հեռաւոր օրը, այսինքն՝ Աննային մահը, գուբը ամէն տարի կ՚ընդունէր ամբողջ արդիւնքը Աննային անուանը գրուած [63] նշանաւոր ձիթաստանի մը, ուրկէ կուտ մը պտուղ չէր խառնուեր ընտանիքի ամբարին։ Անոր հաճի պարոնտատը ըրեր էր այդ մեծադղորդ նուիրատուութիւնը իր հարսին, ճաթեցնելու համար իր ամճա ները, որոնք տարիներով ծաղրեցին իր աղջիկներու շարոցը եւ սպասեցին սատկիլը իր նիհար տղուն, տիրանալու համար իր հարստութեան։ Վարդավառին, այսինքն՝ իւղին է՛ն թանկ ատենը, հաճի Աննային գուբը կը պարպէր իր պարունակութիւնը ` վերածուելու համար համբաւաւոր այն մուշտակին, որ ամէն տարի Յիսնակի դուռներուն կը գրկէր հաճի Աննային մէջքը ու յաջորդ ձմեռ անպատճառ կ՚անցնէր աղջիկներուն, մէրանցը կողմէ հարսներուն ու թոռներուն, հեռու եւ մօտ ազգականներուն, բայց ոչ ոքի՝ Նալպանտենց գիծէն, որոնք հայհոյութիւն, անէծք ու լրբութիւն ունէին մշտակայ անոր հասցէին։ Վաճառումին աւելորդը, առանց փարա մը խորուելու, կ՚երթար ժամուն սնտուկը ` իբր իւղագին։

 

-- Լմա՞ն քիւփը ։

 

Չկրցաւ լուռ մնալ խնամի Բաբէթը, որ երկու տարի կայ հաշուի դրած էր հաճի Աննայէն մուշտակ մը եւ խորհեցաւ առիթին, որ կը թռէր։ Միւս կողմէ՝ օրէնք է, որ մայրերը իրենց կարգուկ աղջիկներուն շահը պաշտպանեն, քան իրենց տղոցը, քանի որ օտարին աղջիկն է, որ կը խնդայ ատոր վրայ։ Ամէն մայր կը տաշէ դէպի իր աղջիկը, նոյնիսկ յայտնի կամ քողարկուած գողութեան մը գիծով։ Հարս ու կեսուրի կռիւները միշտ կը սկսին այսպէս վերցուած ուտեստի կամ հիւսուածեղէնի պատրուակով։

 

-- Տասը քիւփ ալ…

 

Հաճի Աննան չկրցաւ աւարտել խօսքը, այնքան ջերմութիւն ու հաւատք կը զգար իր մէջ։ Ու խօսքէն աւելի բան մը կը լեցնէր զայն [64] այդ պահուն։ Որոշումին ուժն էր, որ այդպէս կը կրկնապատկէր զինքը։ Գալիքին, երջանիկ գալիքին պատկերը տակաւ կը հարկադրէր ինքզինքը ու կը տարածուէր իր շուրջը։

 

[65] Այն ատեն անհասկնալի վախով խնամի Բաբէթը տեսաւ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէր հաճի Աննան ու ինչպէս կ՚ուզէր։ Անիկա գեղին ծանօթ, լեզուանի, բարեպաշտ, խաթուն տիկինը չէր հիմա, որ ամէնուն կը հասնի եւ հոգուն հոգը միայն կը հետապնդէ։ Անիկա մայր մըն էր ու թարմ, քսանամենի ըսելդ կու գար։ Ու սերունդ կ՚ուզէր անիկա։ Ու տառապագին բան էր տեսնել այդ կատաղի, բայց յուսահատ ծերութիւնը, զոր լրջութեամբ գուցէ նոր կը դատէր ու կ՚ատէր։ Կարելի ըլլար, հարսին տեղը ի՛նք, ինք արգասաւորէր պիտի իր չորցած արգանդը։ Սեռական բնազդին շիջումէն յետոյ՝ կինը անիմաստ արարած մը պիտակելու համար հարկ է քաղաքը ապրած ըլլալ։ Բուն կինը անկէ յետոյ է, որ կը սկսի գեղերուն մէջ։ Ու մօտ էր լալու [66] Նալպանտենց հաճի Աննան։

 

-- Աշխարհք մը հարստութիւն է ասի, օղո՛ւլ ։

 

Թաց էր հաճի Աննային ձայնը, նման մէկու մը, որ առջին մեռել մը ունենար։ Ու իրականին մէջ ի՞նչ է արդէն անորդի հարսը։

 

Գեղերուն մէջ ամուլ հարսը մեղք մըն է իր էրիկին, որ դժուար կ՚ընդունի այդ խարանը իր ընտանիքին ու օգնութեան կը կանչէ փաստը իր եղբայրներուն, կը կռուի, բայց կը հաշտուի անոր, երբ առջի հովերը փչեն ծերութեան եւ կարօտութեան։ Անկէ առաջ անիկա անհուն թշնամին է տունին, ուր կ՚ապրի եւ կը գիրնայ։ Կեսուրները իրենց անէծքներուն, նախատինքներուն մթերքը չեն կրնար սպառել անոր քամակին, այնքան շատ է անոր առթած թոյնն ու զայրոյթը օճախին վրայ ու այնքան դաժան անոր ստուերը՝ տունին վրայ, մա՜հը հագած կնկան ձեւ ու փէշեր։ Անիկա շահու աղբիւր է բոլոր կախարդներուն։ Ու դո՛ւռ փորձութեան ու մեղքի՝ բոլոր ազապ տղոց։ Իրմով ու իրեն համար կը մեղադրուին ու կը տառապին անոր ծնողքը, որոնց յայտնի ու անյայտ բոլոր մեղքերը հրապարակ կը կանչուին, բացատրելի ընելու համար աղէտը, իրենց բառով՝ զուլում ը ։ Ողջ-մեռել մը, ինչպէս կ՚որակէ զայն գեղին սրամտութիւնը։ Ու մինչ անդին ներուըտանքը կը բարգաւաճին, իրենցմէ դուրս ալ, իրարու ետեւէ շարելով տղոց հասակները, ամուլը կը հսկէ դաժան խայթերով՝ իր քարացումը։ Ու ցաւը կ՚առնէ անոր սրտին բոլոր ճամբաները։ Լռելեայն համաձայնութիւն մը անոր մէջ կ՚ընդունի հիւանդը, որ զարնուած է Աստուծոյ անհաս մէկ պատգամովը կամ նուաճուած Չարին ուժերէն, որոնք այնքան շատ կը միջամտեն կիներուն արգանդին։ Այդ իսկ պատճառով մօտէն ու հեռուէն, օտարէն կամ ազգականէն մրցանքը կը սկսի դարմանին։ Զաւակ ճարելու համար գործածուած միջոցները երբեմն կ՚անցնին բոլոր չափերն ու պայմանները ` յանգելու համար մինչեւ եղերականութիւն։ Մինչ այդ՝ անոր մայրը կը տառապի իր ամէնէն կենսական զգայարանքներէն, որոնք մարդոց հոգին պուտ-պուտ կը կազմեն ու կը շինեն մեզ քիչ մը բան։ Անիկա կէս-կնիկ մըն է, մէջքէն կոտրած մը, որ պարտաւոր է հաշուի առնել իր ամօթ ը ու կարճ ընել իր լեզուն թաղամէջի կռիւներուն, գեղի կեանքին այնքան անհրաժեշտ սփոփարար այդ մարզանքը վայբերանումին, դէմ դէմի, աղտոտ, լպիրշ՝ բայց զովացուցիչ։ Ու անոր հայրը կ՚ամչնայ գօտիին մէջ զէնք կամ դանակ կոխելու։ Ի՛նչ որ ալ ընէ հարսնուկը, ո՛ւր ալ ըլլայ, անոր արատը կը թաւալի իրմէն դուրս կամ զինքը կը դիմաւորէ դաժան արգահատանք մը՝ արժելով իր բոլոր բարիքներուն [67] ։ Կ՚օրհնեն զայն իր նուէրներուն համար, բայց չմոռնալով հեգնութիւնը: [68] Բայց մա՛նաւանդ կ՚անիծեն զայն իր չըրած չարիքին համար, հրապարակով ու քիչ մը տաք բանավէճերու ընթացքին անոր փատցած արգանդին համար ցիցն անգամ քիչ կը տեսնեն, ու ասիկա՝ երես երեսի, տաքուկ-տաքուկ, խօսքով թեւերնին սոթտելով։ Ի՛նչ որ յատկանշական է, անգթութի՛ւնն է օրէնքին։ Ոչ ոք մտքէն կ՚անցընէ մեղքը տարածել արուին ալ վրայ, որ հասարակաց արգահատանքի մէջ կը մեղկանայ յաճախ ու քանի մը տարիէն կնկայ բնութք կը ճարէ։ Բայց աղէտին մեծատաղանդ զսպանակները կը մնան միշտ կեսուրները, որոնք դժբախտ եղելութիւնը կը հագուեցնեն մտքէ չանցած ճարտարութեամբ։ Ու տարիներու սպասումէն յետոյ, երբ յոյսերնին կտրած լեզու կը բանան, անհուն զզուանքով է, որ կը պատմեն, բոլոր անուանի դռնառաջներուն, հարսերու, հարսնուկներու, նշանած աղջիկներու իսկ առանց ուշ դնելու, [69] իրենց բազմատեսակ հնարքները, անասելի մարձումներն ու շփումները, դեղերը դժուարագիւտ ու «արունի գին» ծխումները, որոնք ամբողջ ու անայլայլ ծիսակատարութիւն մը կը կազմեն ու գործադրելի են քիչ-շատ տարիքը առած կիներուն կողմէ, եւ տիրական՝ սառած արգանդը տաքցնելու։ Աւելցուցէք ուխտերը, փոքրէն մինչեւ լաւագոյն այգին, մօտի գեղի Անարծաթ [70] մատուռէն մինչեւ Ս. Քաղաքի տաճարները (եթէ միջոցները ներեն)։ Աւելցուցէք ընթերցումներ, տէրտէրէն մինչեւ նոր հեգող անմեղ դպրոցականը։ Ու դրացի հայ ու այլազգ բոլոր կախարդները, հոճաները, թուղթ բացող ու բակլայ նետողները, ու աչք ու դող կապողները, ինչպէս օձացաւ ու թալուկ կտրողները։ Ու հարսնուկը պարտաւոր է իր արգանդը բանալ բոլոր այս քմայքներուն: [71] Աղտոտ, արիւնոտ, թարախոտ իսկ մատներու։ Ան պարտաւոր է ենթարկուիլ ամէն հովէ փչուած պատգամներուն։ Ու սկսող ամէն օր՝ նոր տանջանք մը կը ճարէ անոր գլխուն։ Ոչ ոքի համար դեր ու իմաստ ունի բժիշկը, որ քաղաքը կը նստի եւ այդ մարզին վրայ եղունգը չ՚արժեր յետնագոյն դայեակին։ Կը խնդան անոր դիմողին ու կը մեղքնան վատնուած դրամին։ Կը պատահի, որ այս իրարանցումներու, փոխադրութիւններու, մա՛նաւանդ ուխտագնացութեանց ընթացքին յանկարծ գեղին վրայ ծագի բախտաւոր աւետիսը։ Նոր ու աւելի փառաւոր է հարսնիքը [72], որ կը հետեւի, փոյթ չէ թէ ժամանակ ետքը «հոտը ելլէ»։ Զաւակը հաշտեցնող կապն է, ու այրերը միշտ պիտի հաւատան իրենց կիներուն, տարուած անոնց հաշիւներուն ստուգութենէն։ Բայց վա՜յ այն արգանդին, որ քսանէն կ՚անցնի առանց բեղմնաւորուելու։ Անիկա պիտի նմանցուի աշխարհի ամէնէն վատ բաներուն, արտաքնոցի փոսին, ինչպէս անողորմ ապառաժին։ Բայց մա՛նաւանդ պիտի յամառին անոր մէջ տեսնելու Աստուծմէ զարնուածը, մեղքին հսկայ խլիրդը, որուն տեղաւորուած տունին վրայ կախ է մեծագոյն պատուհասը, իբր տեսանելի, անհերքելի, անտեղիտալի պատկեր հետախաղաղ կորուստին, ջնջումին։ Ի զուր հարսնուկը կ՚աղուորնայ, կը լայննայ, ու «փառ-փառ» կը վառի, միս ու եղ կը կապէ։ Ի զո՜ւր, արգանդէն անմասն հարսնուկը, դիմաւորելու համար զինքը պարուրող ատելութեան հոսումը, պիտի քաղցրանայ հետզհետէ, ջերմ ու սիրաւէտ, հլու եւ գառնուկ, «հուր ու ջուր» դառնալով աժեմին ու չաժեմին հետ։ Անիկա դատապարտուած մըն է։ Անոր օրերը պիտի վերջանան կանխահաս աղէտով։ Անակնկալ ցաւ մը, կայծակնահաս ու անհասկնալի, շփոթուելու չափ ոճիրին ու բռնութեան հետ, զայն պիտի տանի գերեզման։ Կ՚ըլլան, որ կը խեղդուին, ու Աստուած գիտէ, թէ ո՛ր ձեռքերէ։ Եթէ անցնի անիկա երեսունը, պատիժ մըն է, որ կ՚աւելնայ գաղտնի պատուհասներուն վրայ, անոնց՝ որոնք պուկի ով կամ չար աչքով կը գոյաւորուին, չեն երեւար, բայց կը գործեն, սադայէլեան շունչի տակ։ Այն ատենն է, որ ամէնէն կճան ու թոյն ու կրակ կեսուրները անոր հետ բաղդատուած՝ պիտի նմանցուին անուշ պղպեղներու։ Անիկա նայած տեղը պիտի ծակէ աւելի սուր, քան ասեղը։ Ու անոր փէշերուն տակ թուխս կը նստին սիրային նոր բուռն տրամներ։ Ամուլ հարսնո՜ւկ։ Ոչ մէկը հարցուց իրեն, երբ զինքը այսպէս դատեց։ Երա՜զ մը այս ամէնը, խնամի Բաբէթին առաջ։ Բայց ի՛նչ դաժան երազ։

 

-- Ի՞նչ կը նայիս ատանկ, - կտրեց հաճի Աննան այս մտածումներուն եւ պատկերներուն հոսումը, մեծ մատին հաստ մէկ մշտուքովը ցաւցնելու չափ ցնցելով խնամի Բաբէթը, որ մէկէն գտաւ ինքզինքը։ Շփեց աչքերը խեղճ կնիկը ու հլու մտիկ ըրաւ։ Որո՞ւ մտիկ կ՚ընէր։ Հաճի Աննան արդէն դարձած էր իր լռութեան, ձեռքերը երկարած ու հանգչեցուցած կրկին շալին խորերը։ Բայց կարծես հասկցաւ այն եղերականութիւնը, որ կը ծաւալէր խնամիին խեղճ ու բռնուած պատկերէն։ Որքա՜ն յստակ էր այն ցաւը, նման շղարշի մը, որ կ՚այրի բոցէն, կը սեւնայ, բայց չի կրնար փախչիլ։ Բայց ուրիշին ցաւը մեզի համար իմաստէ զուրկ բառ է միշտ։ Ու մարդիկ զայն պիտի պատմեն անշուշտ աւելի տկար, որքան չ՚ըներ նոյնիսկ ուրուագիծ մը՝ շքեղ նկարի մը։ Հաճի Աննան ձգեց իր խնամին իր չհասկցող, անխելք ու աղքատ տգիտութեան մէջ ու վերադարձաւ ինքնիրեն։ Ակնթարթի մէջ անցան առջեւէն ընդարձակ ու անունով կալուածները, որոնք կը նմանին գեղին գերդաստաններուն։ Մաքուր, կոկիկ, ուր դժուար է հանդիպիլ եղանակէն չներուած խոտի մը շիւղին։ Կան այդ կարգէ տուներ, որոնք իրենց ընտանիքին դիմագիծը կը տարածեն մինչեւ այգիները ու կ՚ընեն զանոնք սեղմ կամ առատ, խնամուած կամ լքուն։ Կոկիկ, հոգածու, հագնուկապը խնամող տուները կը զատուին դաշտին մէջ իսկ, իրենց պարտէզներուն մաքրութեամբն ու գեղեցկութեամբը իրենց սահմանակիցներէն։ Ու դիւրին է ձիթենիներուն յօտուածքէն, թթենիներուն ճիւղաբաշխումէն վերանալ անոնց տէրերուն նկարագրին։ Նալպանտենց տղա՞քը։ Գեղին մէջ շատեր գիտեն օրը, երբ տուներուն կէսը ու դաշտին ու քովնտի բլուրներուն ալ կէսը սեպհականութիւնն էր անոնց։ Հողին պաշտամունքը առաջին նկարագիրն է գերդաստանին, որ հարիւր տարի առաջ տուած է հսկայ մարդեր։

 

-- Աշխարհք մը մա՛լ, - կրկնեց հաճի Աննան, հրուելով իր ներսէն։

 

Սովորութիւն էր այս բացագանչութեան լեղին մեղմելու համար անոր ընկերացնել միւս ընդունուած, փիլիսոփայ առածը, որ այրած սրտի մխիթարանք, երբեմն կը բերէր սպասուած թուլացումը, աղէտին համակերպելու արիութիւնը, ընդհանրապէս խնամի Բաբէթին բերանէն.

 

-- Աշխարհքին մալը աշխարհքին է մնացեր։

 

Աղքատները յայտնի հեշտանքով կը զրուցէին նախադասութիւնը, արդար սփոփանք մը ապահովելով իրենց զրկանքին։

 

-- Ո՞վ ինչ է տարեր հետը, - իրաւունք տալով կը ստիպուէր լրացնել հաճի Աննան։ Բայց անմիջապէս չէր կրնար չաւելցնել.

 

-- Անոնց ինչո՞ւ։ Անոնց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ։

 

Անոնք ը [73] Նալպանտենց բազմաճիւղ ու բազմատարած գերդաստանն էր։ Աւանդութիւնը զանոնք կը բերէր Արեւելքէն, կու տար անոնց գոնջ, բայց կրակի կտորի պէս աշխոյժ նախահայր մը, որմէ երկու ծնունդ վերջ կը դնէր գեղին մեծագոյն մարդը, որ հարիւր մը տարի առաջ հիմնած էր առասպելական իր հարստութիւնը, գրաւելով ամբողջ գեղը, դրացի գիւղերուն կէսը շինելով, աւրելով Պոլսոյ միջոցով աղաներն ու պէյերը ու ընդարձակելով գեղին համբաւը, ամիրաներու խողովակէն։ Այս պատմութեան օրերուն՝ այդ տիրակալութենէն կը մնային չոր յիշատակներ միայն, աղբիւրի, թաղի, հողամասի անուններ, եկեղեցին, զոր իր մեղքերուն քաւութեան համար մինակ էր կառուցած, ու գեղին բոլոր մարզերուն վրայ ցրուած պապուկներու մեծ բազմութիւն, բոլորն ալ հացակարօտ, բայց կրելով իրենց ազգատոհմին տիտղոսը հպարտութեամբ, արհամարհանքով, հաճոյքի ու զեխութեան շրջանէ մը դալկացած իրենց աւշային մորթերը ու դեղնաւուն պեխերը՝ փառքով ու գեղեցկութեամբ։ Բայց որոնք իրար կ՚ուտէին անհասկանալի կատաղութեամբ մը, այնպէս որ, գեղը առածի էր վերածեր անոնց այս խռով հոգին։ Ամէն մեռելի, հոգ չէ թէ աղքատիկ յարկէ, անոնք կը հաւաքուէին գիշակեր ագռաւներու պէս ու տունին ասեղն անգամ կ՚ընէին այնքան կտոր, որքան թիւ ունէին ժառանգորդները։ Ժառանգութեան հանդէպ այս ախտաւոր, վայրագ ախորժակները միշտ մեռելի ալ չէին սպասեր։ Կիներու կռիւները բաւ էին անաղարտ պահելու անոնց [74] բոցը։ Մեռելը տունէն չելած՝ ազգական-այցուորները աչքի սուր ընդլայնումով մը անգամ մըն ալ կը ճշդէին տեղն ու թիւը կարասիներուն։ Ու ասիկա սրբազան օրէնք էր, մա՛նաւանդ հիմա, երբ հացը աւելի կարծր կը ճարուէր, ու դարաւոր մշակումէն պարտէզն ու արտերը յոգնած կը թուէին։ Խնամի Բաբէթը Նալպանտենց փաստերը՝ գլխուն մազերուն չափ շատ՝ գիտէր գոց։

 

Առաքինի կնիկ՝ անիկա մտեր էր այս աղտաւոր [75] ընտանիքին մէջ եղերական պայմաններու տակ։ Ու պատժուած՝ իր աղջկանը վրայ։ Ան երբեք չմոռցաւ ինքզինքը մեղադրել ու իր յանցանքին համար ամէն օր խօսք ու խոստում ունեցաւ Երկնաւորին հետ։ Տակաւին մինչեւ այս առտու, արարողութեան ընթացքին, անիկա կը տառապէր իր թաքուն խղճմտանքէն, սարսափելով հաշտուիլ հաճի Աննային ամբարիշտ կամքին ու կարգադրութեան հետ։ Պարկեշտ ով գիտէ քանի՛ դարու [76] վրայ, անոր տունին մէջ մեղքը ոտք չէր կոխած (մեղքը հասկնալի գոյականն է հոս)։ Ու երկու տարի առաջ, անիկա սարսափէն հիւանդ էր ինկած հաճի Աննայի առաջարկին դէմ։ Բայց ամէն օր, կրկնուելով-կրկնուելով, այդ սարսափը վերածուեր էր խղճի խայթին, խղճի խայթը՝ մեղքէ վախին։ Բայց ահա Նալպանտենց հին սենեակին մէջ անիկա գրեթէ չէր լսեր խղճին այդ զարկը։ Չկա՞ր ան։ Ու անիկա կը զգար, որ զարկին տեղ ուրիշ հոգ մը, փափաք մը, աւելի մօտ ու հզօր, ետ կը մղէր ուրուագրուող ձայնը։ Հիմա՝ որ եկած էր վերջնական արարքին, ան տեսաւ, որ տարի ու ամիսներ տեւող տագնապի վիճակը ինկած էր իրմէն, ինչպէս խորխ մը, որ կը զատուի օձէն։ Երկինքը, մեղքը, վարձքը, արքայութիւնն ու դժոխքը հեռացեր, լուծուեր էին անծանօթ մշուշին մէջ։ Ապառնի՞ն։ Ու անիկա տարօրինակ կերպով մօտ էր հաճի Աննային, ի՛նք՝ որ հակառակած էր անոր տարիներով։ Կը պատահի այս տարբերացումը [77] հոգիին իսկ սեպհական խոնջէնքով։ Վայրկեան մը անոր մէջ խորացան սեւ ու դժբախտ բաներ, մէկ-երկու դրուագ մորթուած հարսներու տրամներէն։ Ու լսել կարծեց փոքր, բայց յստակ ձայնը –դարերու կտա՛կ որ մաքուր էր ըրեր Սարեկենց տունին արգանդը, թէեւ ազազուն ու քիչ։ Յետոյ, անորոշ, բայց իրաւ բաներ, բոլորն ալ Աղուորին հաշւոյն, որոնք թռան, թրվռացին (ինչպէս պիտի ըսէր ինքը) ու մարեցան անոր մտքին պարապին վրայ։ Գունատ ու մեղմ բաներ, վտանգի ընդհանուր ոլորտէ մը զարնուած ու դողդող [78], որոնք երազի անգայտութիւնն ու անվաւերութիւնը ունին նոյն ատեն ու չեն նմանիր մեր աչքերով ընձեռուած կարծր իրողութեանց, ինչպէս էր քիչ առաջուան պատկերը՝ կովերուն կողը շոյող եւ զաւակ մուրացող Աղուորին։ Ցաւը սիրտը զարկաւ։ Խե՜ղճ մայր։ Անոնք, որ մայր են եղած, գիտեն այդ խեղճութիւնը։ Եւ իրեն այնպէս եկաւ, որ ինքը ուրիշ բան չէր, ատկէ զատ, սա անաստուած աշխարհքին վրայ։

 

-- Մարդ չե՜նք մորթեր կոր, խնամի։

 

Հաճի Աննան իր ապահով լեզուովը կը վանէր վարանումի այն կոտրածութիւնը, որ ոճիրէն առաջ, մեղքէն առաջ մեր կամքին վրայ կը տարածուի, ծանր, թունատու կազի մը նման։

 

-- Աղու ալ չենք տար։

 

Ուժ ու մխիթարութիւն կը գտնէր եղկելի մայրը այս բառերուն թ է ՛ իմաստէն, թէ՛ շեշտէն։ Հաճ, երկիւղած, գրեթէ կրօնական լռութեամբ մը ան լքեց ինքզինքը հաճի Աննային իմաստութեանը։ Իր տարակոյսները, հիմնական վարանումները մէկիկ - մէկիկ կը հեռանային իր մտքին դաշտերէն, ու թեթեւութիւն էր զգալ, թէ ինչպէ՛ս այդ երկաթ հոգերը կը լուծուէին իրենց զրահներէն ու կը վերածուէին անգայտ բաներու։ Մենք ենք մեր վիշտերուն ու տագնապներուն հեղինակը, ինչպէս զարդանկարիչը։ Ան կ՚ուզէր հիմա միայն լսել, լռել։ Ի՜նչ լաւ կը զարդարենք մեր վատութիւնը ու, ականջնիս խփելով՝ կ՚ուրանանք փոթորիկը։ Ու ահա քիչ-քիչ բացուեցաւ, պայծառացաւ անոր ներսը։ Տարիներով կուտակուած անձուկը կը պատռտուէր ու կ՚երթար նման խոշոր ջուրի մը, որուն պարպուելուն կը հետեւինք ակնարկով։ Թեթեւնալու, ազատուելու այս զգայութեանց կը միանար ուրիշ մը, աւելի մեղմ, բայց աւելի խոր, իր սիրտը բռնող ցաւին հետեւիլը անոնց։ Քիչ-քիչ արձակուեցան անոր կապերը։ Զօրաւոր ու արդար բան մը, մինչեւ այդ պահը անծանօթ իրեն՝ կը տարածուէր իր շուրջը։ Չմտածեց գտնել ինչո՛ւն։ Ի՛նչ շուտ ալ կը հաւատանք մեր հնարած ճշմարտութիւններուն։ Ու, մա՛նաւանդ՝ չենք զգար, որ մեր փաստերուն ուժը մենք կը ճարենք, կամովին կուրցնելով մեր միտքը։ Այլապէս դատաւորները անիմաստ պիտի դառնային։ Խնամի Բաբէթին համար ի՜նչ հեշտ ու համոզիչ էր ակնարկութիւնը։ Ուրիշնե՜րը…։ Անոնք ո՛չ միայն կը բռնաբարէին հարսներուն արգանդները, անկէ դուրս քաշելու համար, անժամանակ, կեանքին գունդ մը խմորը, այլեւ կային, որ սեպհական իրենց մատներովը աղու կու տային իրենց հարսներուն։ Բոլո՞րը։ Բայց արգանդի բաները ո՞վ կը համարձակի ճանչնալ յաւակնիլ։ Ու շինուեցաւ անոր մտքին մէջ տեսարանը հորէ հանուած հարսնուկի մը։ Պատահարը երկու ամսուան անցեալ ունէր։ Բայց այս առտու հանուածի պէս յստակ էր տեսիլքը ուռած հարսին: [79] Վիզին շուրջբոլորը լերդացած կապուտկեկ օղակ մը, չուանի մը անհերքելի հետքը, շատ բան կը պատմէր։ Ըսին, թէ ինքզինքը կախել փորձած էր, ու ազատած էին։ Ըսին, թէ յաջորդ օրը ինքզինքը հորը նետած էր։ Բայց երբեք չըսին ինչո՛ւն։ Թաղած էին զայն ընդհանուր սարսափի, արգահատանքի ու մօրը անհուն վայբերանութեանցը մէջտեղ, որոնք զոհին օրերը կը ներկայացնէին անպատմելի, բայց ոչինչով ապօրէն տանջանքներու ներքեւ։ Հին ժողովուրդ ենք մենք եւ մեր մեղքերուն տնտեսումը կերպով մը կապուած կը մնայ դասական յօրինուածքին, անո՛ր, զոր մեր եկեղեցին պա[ր]տադրել [80] փորձած է հռչակաւոր աղօթքով մը։ Ոճիրը հաստ է ու «ազնուական», այսպէս ըսելու համար, գեղերուն մէջ։ Ոչինչ փոխուած է եղանակին [81] վրայ։ Կարծես թէ հազարամեակով մորթուելու վարժութիւն մը մեր օրերուն վերածուէր մորթելու մոլուցքի մը։ Կը սպաննէին ու մեռածը կը զարդարէին, կ՚ողբային երգով։ Հորէն հանուած հարսնուկը ունէր իր «խաղը», զոր աղուոր ու երիտասարդ եղանակ մը, չափուած զոհին հասակով, կ՚ընէր աւելի խռովիչ ու թրթռուն։ Խնամի Բաբէթը ծունկ փոխեց` վանելու համար սրտառուչ երգին յորդորակը, որ կը բռնանար անոր շրթներուն։ Ջուրի պէս տաքուկ թելեր ոտքէն բարձրացան մինչեւ զիստերը։

 

-- Աճեցէք եւ բազմացարուք…, - հաճի Աննան չէ ըսողը, - խնամի՛… Աստուածաշո՛ւնչը։

 

Ու խաչ հանեց բարեպաշտ պառաւը։ Իրաւ ալ գեղին հարսնիքները այնքան յաճախադէպ են, որ բոլոր մէջ-կնիկները, լսելով-լսելով, գոց սորված կ՚ըլլան պսակի արարողութեան կարկառուն մասերը։

 

Վարէն գոցուեցաւ պարտէզին դուռը, որ կը կռթնէր ջրհորի գարգմանակին։ Աղուորը կը փոխէր աշխատանքը ` սկսելու համար ոռոգումին։ Հարսին քաղցր ու վշտոտ տեսիլը թանձրացաւ երկուքին ալ ներսը։ Դեռ առանց այդ ընդմիջումին՝ լոյս գալիք, «քակուելիք» նախադասութիւններ կեցան կապուած՝ Աննայի շրթներուն։ Անմիջապէս յետոյ հորին ճախարակը երգեց իր սուր եւ երկարուն ճռինչը [82] ։ Աղուորը ջուր կը քաշէր։ Պառաւները, տրտում ու մտամփոփ, կը հետեւէին աղմուկին։ Անոնք գրեթէ մոռցան զիրենք հոդ ընող կսկծագին, մեծ հարցը։ Ապահովաբար մտքի արտակարգ յոգնութիւնն էր, որ կը ճնշէր զիրենք եւ կը նետէր քիչ մը դուրս մղձաւանջին պարունակէն։

 

Հաճի Աննան ելաւ տեղէն։ Անիկա անհանգիստ էր ու կը վերագրէր ատիկա փայլուն առարկայի մը, որ սկսեր էր ցոլցլալ դէմի անկիւնէն։ Արեւը հասած էր անոր։ Առաւ եւ խզկեց մէջքին, յայտնի նեղութեամբ։ Սիկարի տուփ մըն էր։

 

-- Անորն [83] է, - մտածեց Բաբէթը, տունին մէջ ուրիշ ծխող չըլլալուն։ Տան ծառայէն (որուն կը պատկանէր տուփը եւ որ անոնց երկուքին ալ մտքին մէջը խորասոյզ, բայց գոյ լերան մը պէս կը ցցուէր ու, հետզհետէ, իրենց բոլոր չկամութեան հակառակ, կու գար առաջին գիծին, դիզուելու, բռնանալու համար հորիզոնին վրայ անոնց հոգերուն) Բաբէթին միտքը արագ, ամօթահար փախուստ մը ըրաւ, բռնի եւ հալածական փախուստ մը դէպի իր փեսան, որ քաղաք իջած էր կրկին, երկու շաբաթէ ի վեր, նոր ու հրաշագործ բժշկի մը դարմաններուն ենթարկուելու։ Երկու կիներուն համար ա՛լ [84] գաղտնիք չունէր այս դիմումին արդիւնքը (քանիերո՜րդ անգամն էր ասիկա)։ Ու անիկա տեսաւ աւելի առջի տարիները։ Հաճի Աննան շատոնց կոտրած էր աւանդութիւնը, յուսահատ՝ ընթացիկ միջոցներէն, ափ առնելով բժիշկները։ Ու Սարեկենց Բաբէթը, փեսին զառիթափովը, մտքէն գնաց մեծ քաղաքը, մեծ ու անուանի ուրիշ բժիշկի մը, որ տակաւին հերու, Աղուորին փորը ճմռել, ճմռկելէ, չափել ու խառնշտկելէ ետքը, ափին կռնակովը զարնելով անոր որովայնին, ըսեր էր, հանդիսաւոր, յուսադրիչ ու զուարթ.

 

--  Տուզինա՜մը մանչ. բժիշկ չեմ ես, եթէ սո՜ւտ կ՚ըսեմ…

 

Արհեստի մարդոց այս եւ նման արտայայտութիւնները զանոնք կ՚ընէին յուսաբեկ, ջախջախուած ու հերոս [85] ։ Բայց անգամ մը գեղ դարձին, անոնք կը մտնային հսկայ ճնշումին մէջ, որ շրջապատ կը կոչուի ու մեզ ամբողջս գերի կը պահէ իր տակ։ Ուրի՞շ ընելիք։ Ի՞նչ ունենային պիտի։ Անոնց մտքին վրայ կը խուժէր, կը յարձակէր լիրբ ծրագիրը, ուղղակի բանաձեւուած անպաշտօն բժիշկէ մը, որ Ջերմուկները կը նստէր ու կիներուն արգանդը զանազան ծխումներով կ՚ոռոգէր։ Ու զաւակը չէր ուշանար։ Ամիսներով որոճացեր էին երկու խնամիները։ Գեղը լեզո՞ւ ելաւ [86] ։ Չէր կարելի վճռապէս պատասխանել։ Բայց Նալպանտենց հաճի Աննան կը զգար, որ գետինը կը խուսափէր իր ոտքէն։ Թէ՝ հինգ տարի սանձուած պատահմունքը ա՛լ չէր սղմուեր տոպրակին մէջ։ Գաղտնիքը քանի՛ հիննայ, ա՛յնքան կը կարծրանայ ու կ՚ուտէ իր ամանին պատերը։ Յետոյ, հինգ տարին, առջի հարսնութեան, կնոջ մը կեանքին կէսը կը կազմէ գեղին համար։ Երեք զաւակ արդէն պէտք է ճլտորած ըլլան ու քալեն իրենց կեանքը առանց բեռ, ծանր բեռ արժելու հարսին, ինչպէս կեսուրին, որ չի կենար ու կը քալէ գերեզման։ Ու գեղը խօսեցաւ ու դատեց։ Ու անիկա ըրաւ այդ միջամտութիւնը միշտ անպաշտօն։ Նալպանտենց միւս հարսները չքաշուեցան բարձր աղաղակէն անգամ։ Աղուորին ամլութիւնը պատճառ կ՚ըլլար, որ թարմանայ գեղին վրայ հսկայ ու եղերական հեքիաթ մը, բայց պատահած, վաւերական հեքիաթ մը, Նալպանտենց օճախին շուրջը, ուր կէս դար առաջ գեղացին ենթադրեր ու գտեր էր ամէնէն լաւ, ինչպէս ամէնէն սեւ բաները։ Իրականութիւն է, որ հիմակուան հանդարտ, հարուստ, յարգուած, բայց գեղին միջինէն ունեւոր դասակարգէն չզատուող Նալպանտենց Սերոբէն, կու գայ արիւնէն անօրինակ մարդու մը, փառքովն ու կենցաղովը եզական, գեղին բերանացի տարեգրութեանց մէջ։ Իմ օրերուս կործանած էր հեքիաթը ու հետեւած ազգատոհմին բախտին։ Բայց կանգուն էր, մեծ գիծերով, ժամուն բակը՝ արիշի ծերերու բացագանչութեանը մէջ, երբ անոր գերեզմանաքարին վրայ տուզ [87] գծած կը խաղայինք։ Գզուըտուքը տղոց ուտեստն է սովորաբար։ Ու կ՚իյնայինք իրարու պուկի, մինչեւ որ անդիէն, քիչ մը լաւ տեսնող ծերունի մը զգաստութեան կանչէր մեզ, ամչնալ հրաւիրելով մեծ մեռելին «նշխարքներէն»։ Այդ պահերուն՝ ինծի կը տրուէր լսել իմ տակէն, խուլ ու հեռաւոր, արշաւը անոր ձիուն, որ հեքիաթի թեւաւոր արարածներուն նման՝ աղան [88] քամակին, կը մտնէր ամպերուն ծովին մէջ։ Տղոց մտքին առջի տրտմութիւնը՝ հարուստին բախտը, ձին, աղուոր տղաքը, բայց մա՛նաւանդ ոսկեգոյն հացն է, մօտիկը դրուած անոնց անօթի աչքերուն։ Ժամուն բակը, անոնք՝ հարուստի լակոտները, վարժապետին ակնբախ պաշտպանութեան հակառակ, ծեծ կ՚ուտէին մենէ՝ աղքատներէն, հիմա կը գտնեմ, պարզ իրենց աղուորութեանը համար։ Բայց կ՚ակնածէինք [89] Նալպանտենց ճետէն, մեծ մասով միջակ ու աղքատ, ոչ անշուշտ սա գեղադէմ ու քիչ մը գունատ իրենց մարմինին հաշւոյն, այլ հաշիւով ու յիշատակովը Անոր, որ միս-մինակը եօթը գեղ կրնար գնել տունով ու հողով, կը շեշտէ հեքիաթը եւ զոր կը հաստատէր տէրտէրը, երբ կանչուէր վկայելու, ծերերու վէճին, ժամուն մեծ արիշին տակ, նստած ան քարին, ուր բազմած ըլլալու էր անոր խորհրդաւոր մարմինը գուցէ դար մը առաջ։

 

-- Հաճի աղա՜ն…, - կը հազար անիկա, լման մօրուքովը, շունչ շատ առնելու գաղտնի ճիգին մէջ, կը չափէր ծերերը քիչ մը մեղքցող նայուածքով, որուն արժանի էին ա՛լ իրենց սաւանը հիւսած ու «անդենացու» յոգնութիւնները, սքոր ները [90] կեանքին։ Յետոյ՝ ծուխէն դեղնած պուկերը կ՚աւելնային, կը խոշորնար աջ աչքը, ձախին խբուելովը [91] ։ Նշա՛ն՝ թէ կը սուզուէր անցեալին ծոցը։ Ան պատմելիք ունէր։

 

-- Մ՚ըսէք ու մ՚անցնիք…, - կը կրկնէր ան։

 

Համով, քիչ մը գիրքէն բարակցած անոր լեզուն այդ խորութիւններէն դուրս կը բերէր գուցէ քանի մը դարու պատմութիւն, գուցէ քանի մը անձերու կեանքովը պայմանաւոր եղելութիւններ։ Ան չէր գիտեր ժամանակին իմաստը։ Ու ժողովրդական ամէն յօրինումներու նման կը դիզէր մէկ անձի վրայ այնքան դրուագ, այնքան գեղեցկութիւն, որ մտիկ ընողը կը վերանար իրողութեանց պարունակէն ու կը թաղուէր հեքիաթին ծոցը…

 

Ու ահա ամփոփումը անոր պատմածներուն։ Յարգեցի հին տէրտէրին շփոթութիւնը, կեդրոնացնելով, ինչպէս ինքը կ՚ընէր, միակ կեանքի մը առանցքին՝ ինչ որ տուած է մեր գեղը իր աղ ու որ հարսներէն ու հերոսներէն, ձէթէն ու գինիէն։ Արժանի են անոնք պահուելու, նախ իրենք իրենց խռովիչ, խոր, ա՛լ անվերադարձ գեղեցկութեամբը, որքան այս վէպը կազմող դէպքերուն վրայ իրենց ազդեցութեամբը։ Վասնզի տակաւին մինչեւ տարագրութիւն, Նալպանտենց ճետին վրայ ստուերի մը պէս պտտած է կնիքը Նալպանտենց Հաճի Արթինին։ Ու անոր հանգո՜յցը, որուն լուծումին կը մօտենամ, այս վէպը սկսող դժնդակ պատահարին վրայ։

 

-- Նալպանտենց հաճի Արթինը…, - կը կենար տէրտէրը, դրուագին դպելէ առաջ։

 

-- Նալպանտենց տունը…

 

Ու կը լռէր քիչիկ մը։

 

Հետեւելով իր օրինակին, ես ալ կը կեցնեմ այս պատմութեան առաջին դրուագը, ուր, երկու խնամի կը մղուին գեղին համար շատ հազուադէպ մեղքի մը գործադրումին, ու կը վերանամ, տէրտէրին ուղիէն դէպի անցեալը, մօտ հարիւր մը տարի։

 

Իմ մանկութեան օրերուս, այսինքն՝ ասկէ քառասուն մը տարիներ առաջ, հոն կար նորէն Նալպանտենց տունը, տուն մը, խորը այն ընդարձակ պարտէզին, որ վաթսուն–եօթանասուն տարիներէ վեր, կտցուելով-կտցուելով  –- դուք իմացէք՝ ծախուելով-ծախուելով –-  ծնունդ էր տուած գեղին լայնանիստ ու նորագոյն մէկ թաղին, միս-մինակը հակակշռելու չափ մնացած անունով շէնքերը, գեղեցկութիւնները՝ հաճի Արթին աղայէն կառուցուած բաղնիքովը եւ պարտքի փոխան պոլսեցի վաճառականի մը անցած մետաքսի հսկայ մանարանովը։ Ատենին, առանձին գիւղի մը չափ մեծ այդ հողամասէն, ուր զոյգ ձիթահան ֆապրիքա ներ, ոսկիի ուժով, ժամեր հեռուներէն բռնի բերուած աղբիւրներ, սալարկ մը (ով գիտէ ի՜նչ նպատակի համար քառակուսի ՛, տասը կալ ծածկելու չափ լայն, որուն քարերը երբեմն երկու մարդահասակ, միշտ քառակուսի, իրարու կը մնային հեղ[ի]ւսուած [92], անգտանելի արհեստով մը), տակաւին այսօր կորսուած յիշատակարաններ, աղբիւրի կիսակործան կամարներ, սիւներ ու քարէ գմբէթիկներ [93] նստած գետին ու անկործելի, կը պատմէին յորդ կենդանութիւնը անոր տիրոջը։ Ու տարիներու ժանիքին տակ ձողիկ-ձողիկ կտրտուած թաղը [94] կը յամառէր տակաւին կրկնել ու դիմացնել անունը հողին սկզբնական տիրոջը, Նալպանտենց հաճի Սերոբէի թոռ հաճի Արթինին, կարճ, ընդհանրացած յորջորջումով մը՝ հաճի աղային, զոր կրեցին տղաքը, թոռները այնքան ապաշնորհ արժեզրկումով։ Տղա՛քը, որոնք իրենց հօրը մահէն յետոյ, Աստուծոյ անհաս մէկ տնօրինութեամբը մենք պիտի ջանանք հասկցման մօտեցնել խորհուրդը ստիպուեցան, բացի մէկէն, իրենց բաժինները ծախելու հսկայ դարաստանէն ու խառնուեցան գեղին աղքատութեան միջին խմորին։ Բայց երբ արիւնը կը դալկանայ, այսինքն՝ կը լռէ, քարերը կը կարմրին եւ լեզու կ՚ելլեն։ Աղբիւրները, գեղին միւս թաղերէն անգամ, իրենց խոր ու կոյր խաչին յատակէն, խոր ու կոյր գիրերու հիւսքի մը մէջ կը պատմէին ու մինչեւ իմ ժամանակս յարգանքի արժանի կը կեցնէին փառքն ու յիշատակը այդ մարդուն, որուն այդքան վերերը ամբարձումը ինչպէս ըսի տարօրինակ, աստուածատուր երեւոյթի մը նման պտտած է մեր գեղին վրայ, նախորդ դարու առաջին քառորդէն մինչեւ կէսերը։ Բերանաբաց, խանդավառ, խենթեցած ու նոյն ատեն լալու չափ տրտում մտիկ կ՚ընէինք ի՛նչ որ պատմուէր մեզի նիհար, երկայնահասակ այդ մարդուն վրայ։ Տէրտէրը հաճոյք ունէր գեղն ալ ետ տանելու, պզտիկցնելու, անտառի մէջ բուսած բոյնի մը վերածելու, ուրկէ մեծ կացինները կը պառկեցնէին կաղնին ու կը դնէին յետոյ պատերուն։ Ու կ՚ընէր մարդերը խոշոր, աժտահար՝ բայց բարի։ Ու կ՚ընէր մարդերը բռնուած իրենց ցեղին մեծ փոթորիկէն, գալու համար այս ափերը, պահէ պահ ու դարէ դար։ Ատոնցմէ մէ՛կը՝ եկուոր մը ուրեմն, նման ուրիշ քանի մը տանուտէրներու, որոնք Հայաստանի մարդոց հաստ լեզուին հետ հաստ սիրտեր ունէին, բայց չէին մօտեցուեր [95] նոյնիսկ հեռուէն հաճի աղային տոհմական տուրքերուն։ Ինչերնո՞ւդ պէտք է պատկերը անոր դէմքին։ Այս տողերը գրողը իրապաշտ վիպասան մը չէ, որպէսզի վրձինը մատին, մանր-մանր ձեւէ զայն։ Ոչ ալ ենթական սիրոյ հերոս մը՝ որպէսզի շահագրգռուիք անոր մէջ աչքին ու ճակտին յարուցած խռովքովը։ Բայց անիկա շինած է, առանց այդ պատմուճանին, իր հեքիաթը, սա դարուն իսկ։ Ու իրական, արեւելեան հեքիաթ մը, մեզի մօտիկ, քանի որ անոր ընձիւղներէն տակաւին ապրողները հանդիպելի են Պոլսէն մինչեւ Ամերիկա։ Շատերու համար անհասկնալի՛, թերեւս։ Բայց որուն մէջ աւանդութիւն, պառաւի բերան, տէրտէրի կզակ ու հող ու բլուր, ձոր ու աղբիւր, հազարով ծառեր, ագարակի աւերակներ փոխն ի փոխ կը միջամտեն։ Ու վկայ է անոր փառքին լիճը, ուր անոր նաւակները ոսկին ու դիպակը փայլեցուցին արեւուն ու ճաթեցան բեռին տակ ` հոսելով կարմիր հեղուկը ջուրերուն սիրտը։ Ու հիմա ջուրերէն կլլուած պալատ մը, կրկնութիւնը անոր, որ վերի գեղին մէջ կը սպիտականայ, ուր անիկա կը քաշուի ձմեռները ապրելու արքայի իր կեանքը, որսալու ու լողալու։ Իր իսկ ձեռքովը հիմնուած գիւղ մը, Իզնիկի կուշտին, զոր մալարիան, ջուրերուն ամբարձումով, լուծած է իր դեղնութեան մէջ ու ջնջած։ Եւ աւանդութիւնը կը գործածէ հեքիաթին հրաշալին [96], ինչպէս մարդկային եղերականը, անպաճոյճ արուեստով, ծանր իրականութեան մը բազմադրուագ մառախուղին տակ, արեւով բշկտուած [97], բայց կարկուտով ալ կոծուած, փոթորիկէն ելլող նաւու մը կազմածին պէս սուտ ու իրաւ։ Իրակա՛ն։ Որուն մէջ երեւան կու գան թերեւս այն թաքուն, մեզի կէս-ծանօթ ուժերը, որոնք ապրեցուցին այս ժողովուրդին առհաւական առաքինութիւնները եւ արժեցուցին մէկ քանի արտակարգ ընդունակութիւնները անոր։ Իրա՛ւ ալ, ով որ պտտած է Նիկիոյ մարզին հայկական գեղերը, երբ կային անոնք, ա՛լ չի կրնար մոռնալ այն շատ սուր, յստակ, բացառիկ տպաւորութիւնը, որ կու գար անոնցմէ։ Բոլորն ալ՝ ինչպէս աքցանի մը թեւերուն ձուածիրին մէջ, սեղմուած թուրքերու գիծերէն, կը կրեն զսպուած, խոշտանգուած խստութիւն մը, որ կը բացատրէ յաղթականին ճնշումը, բայց նոյն ատեն ցեղային հակազդեցութիւնը։ Կարծրօրէն, ամրապէս խարսխուած իրենց ժառանգութեանց խորը, անոնք ճկած են, նեղցած, խորտուբորտ ինկած, բայց չկասած ։ Ու իրենց բանադրուած այդ մեկուսացումը վերածեր են շեշտ, հզօր ապրումի ու տուեր են այդ ամայի, լքուն մարզերուն գոյն ու նկարագիր։ Չեղող իրենց զանգատունները [98] հազիւ համարձակելով քիչիկ մը վեղարել, անոնք կրունկ կրունկի նստեր են ապառաժներու շուրթին, կամ ձորակներու իրերահատման գիծին ու շինա՛ծ՝ ինչ որ եղած է հին հայրենիքը, այսինքն՝ բնութենէն բռնի կորզուած, յաղթահարուած ընտելացումը քարին ու հողին, մարդուն ձեռքէն ձեւի ելած կառո՛յց կամ մշակոյթ։ Ու տեղն է զարմանալ այն կենսունակ ու առողջ ուժին, որ այդ գեղերը այդպէս արձակած է միջոցին վրայ, դուրս, տնկած զանոնք քարերու իսկ ողնասիւնին, արձանացուցած ամենավայրագ բնութեան մը պորտին վրայ, ուր թուրքը չէ իսկ մտածած արմատ երկարել, ինք մակաղած հովիտին ու լճափին իսկապէս «դրախտագեղ» ու ոսկեբեր հարթութեանց ծոցը։ Պարապին վրայ այս յառնումը կը նմանի, աւելի համեստ անշուշտ, այն միւս յառնումին, որուն կը հանդիպինք օտար ազգերու տարեգրութեանց մէջ, կատարուած մեր արենակիցներու նոյնքան դժնդակ, բայց աննահանջ բխումով, արտարձակումով։ Սերունդի մը հասակին իսկ չբաւող այնքան քիչ տեւողութեան մը մէջ, ուր ինծի տրուեցաւ շինուիլ, կազմուիլ, հեռանալ ու դառնալ, ու շատ մօտիկէն շփուիլ գեղին ոգիին, նոյնանալ անոր բազմերակ սրտին ու հասկնալ մեր ժողովուրդէն՝ ինչ որ ուրիշներ գիրքերէն սերտեցին ու գոց սորվեցան, այս գեղերը, բայց ամէնէն դժբախտ տնտեսութեան մէջ կապկպուածն անգամ, ամէն կողմէ խղդուած, մագիլուած, ամէնէն անողոք ու արդիական կազմածով գործող բռնապետութեան մը ճիրանին տակ թաւալգլոր, իմ աչքերուս իսկ տակ, կրկնեցին, երեքնեցին իրենք զիրենք, յաճախ անօթի, վզակոթին՝ թուրքին գարշապարը, երակները բաց դէպի կառավարութեան գանձը [99], կողոպտուած, զուրկ ամէնէն անհրաժեշտ բաներէ, ամէնէն առաջ հողէն, բայց չկասեցան ։ Ու մի մոռնաք, երբ վարը, լիճին հրաշաբեր ափերուն - ածականները քիչ կու գան տալու համար անհուն բարութիւնը, բերրութիւնը այդ հողերուն, ուր հոգի ցանես կը բուսնի թուրք գեղերը մնացեր են, իրենց ծագումին, գուցէ ցեղին ձայնին հաւատարիմ՝ քի՛չ՝ լեարդէն զարնուած ու ամորձիքներէն կրծուած, միայն արիւնի, բարբարոսութեան ուռուցիկ շպարով մը սոսկալի վասնզի աւելի վերջը տեսանք, թէ ինչպէ՛ս կը դողային անոնք մեր քաջերուն դանակէն հալածական, ու ինչպէ՛ս անոնց կիները հոգի կու տային մեր տղոցը սերմին ո՞ր հրաշքին գինովը [100] լեռնամէջերը վտարուած մեր ժողովուրդը նուաճած է ապառաժը, անտառին արգանդը, բզիկ-բզիկ ըրած բլուրներուն գարգմանակը եւ կողերը, զանոնք հագուեցնելու համար խաղաղ ու անընդմէջ պարեգօտովը ձիթենիներուն։ Այսպէսով է, որ անոնք՝ բացած են ձորամէջերը գինիին եւ իւղին ու, աւելի վերջը՝ ոսկիին։ Իմ օրերուս, թուրքերը մեր գեղին ձորը ոսկեձոր կ՚որակէին, վասնզի տուրքի համար ղրկուած ուղտերը ոսկեբարձ կը դառնային ետ։ Հայ այդ գեղերը իրենց բնակչութեան թիւովը եօթնէն, տասնէն աւելի անգամ ետ կը ձգեն թուրքերը, [101] հաստատուած թերեւս վաւերական աւանդութեան համաձայն՝ նոյն դարերուն։ Գեղերը նոյնանուն, երբեմն իրերախառն, երբեմն ճակատ ճակատի իմաստալից վկանե՜ր երկու քաղաքակրթութեանց։ Ասիկա օրէնք էր այդ շրջանին։ Ու աւելի ետքը, հասուն տարիքիս, երբ աչքերուս ետին ուրիշ աչքեր շինուեցան, մելամաղձոտ հաճոյք էր ինծի դիտել ու մտածել հարուստ պէյերուն, որոնց երիտասարդութիւնը չկար [102], բայց ծերութիւնը կը ծանրանար սքանչելի հողերու վրայ, ձգուած մշակումին մեր տղոցը, քարի պէս պինդ ու գորշ պատկերի պէս վայելչակազմ, եւ որոնք հողերէն քաշուած կ՚առաջանային, պարզ ու մշակ, կը մղուէին մինչեւ նոճեստանները, թզենիները անոնց հարեմներուն, մշակելու համար նոյն խոփով արտերն ու արգանդները, հանելով երբեմն անոնց մանրիկ, բայց բռնկած ծոցերէն հերոսատիպ դրուագ ու ոճիր։ Պէյերու ագարակնե՜ր։ Ո՜վ կը բանի հիմա ձեր ոսկեհանքերը։ Ու մելամաղձոտ բան էր մտածել այն միւս հողերուն երբ մեր գեղը հողի համար ոսկի կը թափէր–, որոնք ամէնէն բարեբերները, հոճաներու թուղթերով կը բաժնուէին աս ու ան յիմարին, թո՛ւրք, անշուշտ, ու անկարող հասնելու իր իսկ պապերուն ձգածին, մնալու համար տարի մը վերջ անմշակ ու անտէր, յափշտակուելով մորենիէն ու մասրենիէն, տախտապարուելէ, շղթայուելէ ետքը ամենազօր բազուկներէն։ Երբեմն պտոյտի ընթացքին կարելի էր հանդիպիլ այդ աղաներուն, պէյերուն, չաւարտած փաշաներուն, խեղճ ու փոքր, փաթթոցով կամ առանց, երիթացած մորթով ու խատուտիկ մօրուքով, յաճախ գօս ու գոնջ նոյն ատեն, վատասերման բոլոր խարաններով։ Որոնց գերագոյն արժէքը պէտք պիտի ըլլար փնտռել ու գտնել թերեւս հայհոյութեան հոյակապ արձակութեանց մէջ։ Ծեծին մէջ՝ գործադրուած թիւով առատ, մարմինով քիչ իրենց կիներուն վրայ, քի՛չ, բարա՛կ, տարօրէն կարմիր կամ դալուկ, նուշի աչուըներով, չնայա՜ծ, ու չսիրած՝ Աստուծոյ արեւին, բայց ստուերին մէջ հասունցած ու զգլխի՜չ մահէն ալ անդին։ Քի՛չ, բարա՛կ, բայց երաշտ, անպեղ, անյագուրդ ու անհուն իրենց արգանդներով։ Ի՜նչ տղայ արժած են մեզի այդ արգանդները։ Իմ օրերուս, այդ տանուտէր գեղացիներէն դուրս ոչ մէկ դէմք, որ անցնէր տարազին տարողութենէն անդին։ Բռնապետները դուրսէն կը ղրկուէին։ Ու տեղացիներէն ոչ մէկ բազուկ, որ պապերէն մնացած դանակը կարող ըլլար անցընելու իր մէջքին։ Գուցէ պետութիւնը, Պոլիսը այնքան մօտ, առած-ծծած ըլլայ ամէն տրամադրելի աւիշ այդ գեղերէն։ Նոյնիսկ քաղաքիկներու մէջ, ուր դպրոցը, վարչական պահանջները, կեդրոնէն, Պոլսէ ն վարուած քաղաքական իմաստութիւն մը իրարու կու գային ժողովուրդի շերտ մը պայմանաւորելու, դժուար էր հաստատել ուժին, սերմին մարդը։ Ու տարօրինակ չըլլայ այս սպառումը ցեղի մը մէջ, ուր սեռը ամէն բան է միշտ։ Միջակութեան, ցաւագար արզուհալճի ներուն եւ բորբոսած քեաթիպ ներու եւ կանչըցած, այսինքն՝ ժանգոտած մոլլա ներուն [103] եւ հանգիստի կոչուած հնամաշ էֆէնտի ներու այս հեղգ ու թմրած ու անկանգնելի ամբոխին դէմ, իրականութիւն է, որ մեր ժողովուրդը տուած է դէմքեր։ Ու այս քանի մը դէմքերուն վրայ շատ մի տեսնէք ինծի, որ հաստատել ջանամ նոյն այն ընդունակութիւնները, որոնց ընդարձակ աճումին, գրական տարազով՝ գերուռճացումին մեզի տրուեցաւ ականատես ըլլալ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մեծ ոստաններուն մէջ։ Գե՞ղը։ Բայց ժողովուրդը իրաւունք ունի երբ կ՚ըսէ «ձուկը ծովով»։ Այդ յատկութիւնները թերեւս կու գան շատ հինէն ու, ինչու չէ, թերեւս մեր փառքի շրջանի կայծերէն։ Թող որակուին անոնք զանազան տիտղոսներով միշտ դիւրաւ պիտի վերածուին հիմնական փաստի մը իր հայրենիքէն դուրս՝ նոր ու դժուարատար պայմաններու յարմարելու հզօր ընդունակութիւնը, որով նուաճած է անիկա, գերի ու չուառ, Պոլիսն ու Գահիրէն, Մատրասն ու Թիֆլիսը, Լւովն ու Կալկաթան։ Շեղում չէ, որ կ՚ընեմ, վասնզի վէպը ինծի համար ճերմակ թուղթ մըն է եւ կ՚արհամարհեմ բոլոր օրէնքները, ըսելու համար ինչ որ կը մտածեմ։ Մեզ կը նախատեն ժողովուրդներ, որոնք կարճ կը տեսնեն։ Կ՚ընդունիմ մեր դնդերներուն անարիւնութիւնը, մեր հոգիին էկզէմա ն, մեր ուղեղին սիֆիլիս ը թերեւս, բայց չեմ ընդունիր [104] վճիռը, որ մեզ կը գրէ, կը ստորադրէ [105] գեհենին, գերեզմանին։ Մեզ կը նախատեն թուրքերը, որոնք՝ երկու դար՝ միայն իբր ոսկոր ու դնդեր ապրեցան մեր վեց-եօթը դարերուն դէմ։ Մեզ կը նախատեն իսրայէլացիները, մեզ իրենցմէ վար` ստորակարգ ցեղ մը տեսնելով։ Ու թերեւս կը կռթնին իրենց հին ու նոր փառքերուն ու ստացումներուն։ Չեմ զբաղիր հինով, որ թուրքերէն ալ քիչ տարիներու մը վրայ, ափ մը լայնքով հողի մը կռնակէն, յաղթանակի տեղ աղօթարան մը միայն տնկեց ու սուզուեցաւ աննահանջ գերութեան մը ծոցը։ Իրենց գի՞րքը։ Անշուշտ քիչ մը Արեւելք, քիչ մը աւազուտ բանաստեղծութիւն։ Բայց ատոր փառքը արժէքի կանչողնե՞րը։ Այսինքն՝ բարբարոս Եւրոպա՜ն։ Ու մի զարմանաք, որ տակաւին ազգեր յագեցում գտնեն հրեաներուն Մատեան էն, ինչպէս արաբներուն Մատեան էն։ Նո՞րը։ Բայց անոր ալ տիրապետութիւնը կը զուգադիպի միջերկրականեան ոգիին նուազումին [106] ։ Դրամ վաստկիլը, պանքան՝ նոր է, որ հոմանիշ դարձան մեծութեան։ Մնաց որ, հրեայ մտքին փայլը, իմացական մարզերու վրայ, մեր քաղաքակրթութեան մէջ արդիական է բոլորովին ու նահանջող։ Երկու հազար տարի, Արեւելք թէ Արեւմուտք, անոնք ականաւոր եղան իրենց բաղարջովը, որ բարբարոսութիւնն է, կղզիացումն է, ուրացումն է խմորին, տիեզերքին մէջ կարելի ամէն ստեղծումներու այդ նախապատճառին։ Անոնք ականաւոր եղան իրենց թաղերուն բորբոսովը եւ գլուխներուն գոնջովը։ Կէս դար առաջ, անոնցմէ բնակուած թաղերէն հոտն ու թարախը կը հոսէր հեշտութեամբ ու ընտանի ու հրեայ։ Կէս դար առաջ, անոնց սինակոկներուն մէջ մազը, պատուարը [107] մեղքէ մը աւելի կը կշռէին։ Ու ոչ-գոնջը իբր անհարազատ կը նետուէր դուրս։ Ի՛նչ ըրած են, ի՛նչ շինած են, բացի կոշտ ու ոսկիով ու արծաթով գէրցած, մորթացած իրենց տաճարէն։ Ո՞ւր է իրենց ճարտարապետութիւնը։ Ո՞ւր՝ բանաստեղծութիւնը։ Ո՞ւր՝ երաժշտութիւնը։ Մերիննե՜րը [108] ։ Ասոնց համար նիւթական ամէն բարգաւաճում պատրուակ մըն է կարծես: [109] Կը վաստկին, որպէսզի քարի, վայելքի վերածեն, որպէսզի իրենց պակսած հպարտութիւնը, իրենց անձին՝ միջոցէն դուրս սաւառնումը կարելի ընեն։ Անի՛ն։ Անշուշտ, հարիւր անգամ աւելի մեծ, քան Երուսաղէմը, ուր ոճն ու մարմարը քա՛րը, մարախներուն կտուցովն է, որ կը կրուի։ Անի՛ն։ Կը հետեւի ամէն նիւթականի ելքի՝ հոգին։ Նոյն՝ մերիններուն արշա՛ւը, հոգեկան մարզին վրայ, խելայեղ վազքը՝ դէպի զգացական ու զգայարանական փարթամութիւն ու արուեստ, դէպի փառք ու գեղեցկութիւն, դէպի իշխանութիւն ու գահ ու ոճիր–, այն խե՜նթ, պղտոր, բայց երբեմն ցօղի նման աղուոր ալ բխումը, որ մեր արիւնէն իշխաններ ու դաւաճաններ, կայսրեր ու սուրբեր, հերոսներ ու նոյնքան դիւրաւ՝ ոչխարի անհունական հօտեր, արուեստագէտներ ու ընչեղ ու փարթամ ու արի կիսաստուածներ է բարձրացուցած եւ նետած ազգերու կրկէսին ու հիացումին։ Ասիկա դասական սնամտութիւնը չէ, ոչ ալ պարտութեան շրջուած երգ մը՝ համայնացման միջակապաշտութեան ծոցը։ Հիմա, մեր նորագոյն, ամօթակուռ անկումէն ի՜նչ զզուելի են անոնք, որ ատ աղէտին մէջ իրենց ձեռքերը լուացող պիղատոսեան իմաստութիւն մը կը ծախեն մեր գլխուն, երբ լրբութեամբ, գիտակցաբար կը դաւեն իրենց խղճմտանքին ու տեղն է ըսել լալով` մեր պատմութեան մարդով ամէնէն աղքատ շրջանէն, երբ նոյն այս աղէտը մարդերու սով որակուած հիւանդութիւնը կործանեց մեր սրբազնագոյն Դատը, քաղցր է ինծի վերանալ անոնց, մեր նախնիքներուն, գործողութեան, շարժումի, ցանկութեան ու կամքի հսկայ պարունակներէն եւ աղեղներէն, անո՛նց` որոնք, մեկնած բոպիկ` ոսկեկնիք ու արծուակտուց կօշիկներ կապեցին իրենց ոտքերուն, պալատներ ու կայսրուհիներ գրաւեցին եւ բանակներ սանձեցին։ Մեր լեարդը կրծող այս դեղին ցաւը գուցէ անիրաւ կ՚ընէ զիս, մեզ։ Գուցէ փախուստ մըն է ասիկա կրկէսէն։ Ու ըլլայ թերեւս միամիտ բան` իմ տղայութեանս վրայ, հեքիաթէն փրցուած, անջատուած ոսկի քանդակի մը պէս կախուող Նալպանտենց հաճի աղան մերձեցնել մեր ցեղին վաւերական փառքերուն։ Բայց անկեղծ ու խոր ամէն զգացում իրաւունքէն չէ, որ կ՚առնէ իր ուժը։ Ան մեզ զինաթափ կ՚ընէ ինքնիրմով։ Ո՞վ գտաւ իրաւն ու իրաւունքը, որպէսզի ցեղերը ճանչնան, հասկնան զայն։ Ու կ՚աւելցնեմ, ոչինչ այնքան արմատական է ու անվերծանելի, որքան մանկութեան շրջանէն ամբարուած վախին, ատելութեան, հիացումին կնիքը մեր հոգիին վրայ։ Այդ ստացումը անխորտակելի յատակն է մեր հոգիին։ Կը պարպեմ զայն այս էջերուն ` առանց վախնալու։ Հիմա կրնամ դատել մեր մեծութիւնները եւ չտկարանալ մեր թերութեանց վայրաքարշ մղումէն։ Այն ատեն, քառսուն տարի առաջ, հեքիաթին խորհուրդը անմատոյց էր իմ ուղեղիս։ Երբ քալեցի, հաճի Արթինին լաստակերտովը` ուրիշ անուններ ու կեանքեր ճանչցայ։ Տղայական է անշուշտ իր ցեղը սիրելը, բայց աւելի տղայական` զայն դատապարտելը, չսիրելը։ Մենք ենք, որ թուրքերէ առաթուր քաղաքներուն մէջ առաջին նուաճումները դրինք արդի ըմբռնումի ու տուինք հարիւր տարի առաջ ինչ որ հազիւ կը համարձակին ընդունիլ այսօր, զգեստ ու բնակարան, երգ ու խաղ։ Ու մի մերժէք գեղեցկութիւնը այն ճիգին, ձգտումին, որ ամէնէն ահաւոր ստրկութեան մը անուրին է ճակատագրուած։ Ու շատ մի տեսնէք, որ փորձողներ ըլլան այդ ցայգալոյսին քանի մը շառայլ, մեծկակ քանի մը լիճ արիւն նետելու... ։ Քառսուն տարի առաջ, ըսի ձեզի, թէ տունը, տուն մը կար նորէն հոն։ Կար պարտէզ մըն ալ, ան ալ [110] ստուե՛րը` հեքիաթին պալատին։ Բայց օտար [111] ու հիւծած գամբռերու պաշտպանութիւնը ազատ չըրաւ զայն իմ գիշերազբաղ արշաւանքներէս, խենթ, սարսռոտ, բայց տարօրէն անուշ, որոնց յաղթագինը կը կազմէին գեղին մէջ մէկ հատիկ նուռերը, կարծես Նալպանտենց հարսներէն փոխ առած իրենց արիւնը, ոսկեգոյն իրենց պարոյրներովը եւ սուրբի մը, պատերազմիկ, արքայազուն սուրբի մը սաղաւարտին վրայ` բազմանկիւն, ատամնաւոր իրենց գարգմանակովը։ Ես չնայեցայ խակին ու հասունին ու անմուրատ ըրի ծառերը, ծծելու համար ինչ որ իմ պապերուն արգիլուած է եղեր։ Նուռերէն ետք` թուզերը։ Երբ տերեւին ղենջակէն հանէին իրենց կաղապարները, պզտիկ ծիծերու նման, ծառերը ընելով էգ ու հոսանուտ, կաթոտ ու քաղցր, ակռաներուս` ապագայ համերուն նախախայրիքը միւռոնելով, աղուամազ ու թաւիշ ` ինչպէս պիտի զգայի վերջը, երբ մատներս ճանչցան պտուղը գիտութեան ծառին։ Ի՛նչ որ հօրքուրս պատմած ըլլալու էր այդ տունին հին օրերէն ինչե՜ր չէ պատմած այդ աչքի տեղ միայն հոգի եղող աղջիկը, որ իր շունչը տուաւ, հեքիաթ մը ըսելու նման, կար ու չկարի շեշտի մը վրայ–, բաւական չէր անշուշտ, որպէսզի հասկնայի անդամալոյծ ըսուելու չափ քիչ մարմինը, զայն մշտապէս անկողինին գամող անիմանալի հիւանդութիւնը Նալպանտենց հաճի Սերոբէին, որ կու գար, գալու էր շիտկէ շիտակ հաճի աղային արիւնէն։ Դեռ աչքիս առջեւն են անոր ուրուականը, պատուհանի ապակիին փակցուցած երեսը, կանաչորակ, լման ու ոսկոր, միշտ մէկ ձեռքը բերնին, հազէն վախնալուն, զուրկ` բաց օդէն ու արեւէն, կծկտած ու դաժան ու դեղնաւուն։ Ինչո՞ւ կը ճգնէր այդպէս։ Կը հարցնէի ու կ՚անցնէի։ Տղոց հոգին պզտիկ է ծաւալով։ Հոն կը տեղաւորուին արժանաւոր փափաքներ։ Պտուղն ու գողութիւնը կը գրաւէին այդ պզտիկ աշխարհը։ Բռնուի՞լ։ Բայց ցերեկը հաւերուն ու բադերուն համար ստեղծուած ըլլալու է։ Ու գիտէի, թէ հաճի Աննան, ինչպէս անոր թինկոզիկ [112] աղջիկները, չէին կրնար պարտէզ յանդգնիլ։ Անոր աղջիկները ցերեկն անգամ չէին կրնար հեռանալ տունին անմիջական շրջանակէն։ Երբ գիւղին կաղ ու մէկ թեւը դարձած վարժապետը, ա՛ն` որ աւելի հասկնալի մակդիրով մը կը յորջորջուէր «հազի քիւփ», տարիի մը մէջ հազիւ սորվեցուց գիրերը ճանչնալ (նախիր գացող ուլերու նման կ՚երթայի դպրոց, կը նստէի լուռ, ճաթելով զրկանքէն, որ կը խածնէր հոգիս։ Հարուստի տղաքը մէկ շաբաթուան մէջ կ՚անցնէին քերական, շատ լաւ հասկնալով վարժապետին առածը, որ կը պատգամէր «դրամը տուողը տիւտիւկը կը չալէ»: [113] Գողցուած հաւկիթներ վտանգեցին վարկս, վասնզի թուխսի տակէն թռցուած, վարժապետին տապակին մէջ խլինք ու արիւն պարպած էին։ Ու գամուեցայ իմ սիւնիս, տարի մը ամբողջ, թողլով, որ դպին ու անցնին), չես գիտեր ինչպէ՛ս ինծի տրուեցաւ մտապատկեր մը կազմել Նալպանտենց հեքիաթին ու այն ահաւոր ծեծին մէջտեղը, զոր պարտաւոր էի ուտել, վարժապետին գրաբարովը` «ըմպել», շաբթուն քանի մը հեղ, անօթի որբի մը դաժան ու հեստ ու յամառ նիհարութեանս մէջ։ Կատարուած էր այդ զուգորդութիւնը` բացառիկ ու շատ պաշտօնական ֆալախայի մը պատճառով, որ կը պատժէր իմ «մեղապարտ, նզովեալ» ոտքերս ու «ամբարիշտ, գող» դաստակներս` ներկայութեանը Նալպանտենց հաճի Աննային, որ չարախինդ ու զովացած, վարժապետին իւրաքանչիւր ամբարձումին կ՚ընկերէր իր անէծքները, իրաւ, հաստ, որդ ու շէռ բուրող, հայհոյութիւնները, լեզուանի ու սահուն, իրարու ետեւէ մէկէն միւսին։ Աստուծոյ կրակը, դժոխքին զիֆթ ը, սատանային զէմպէրէկ ը աղերսելով, կործելով իմ կոտրտելիք, վարնալիք [114], եփուելիք եւ ալիւրի պէս փոշի թափուելիք մատներուս, որոնք խակն ու հասունը չէին խնայած, աղուորիկ, հանըմուկ, ոսկի-ոսկի նուռերէն։ Պոռա՛ մամայիդ, որ եօթը լեռ անդին մանարանի մը մէջ մատները կը խաշէ չոր հաց քաշելու համար եռացող ջուրէն եւ մետաքսը կը պատրաստէ Նալպանտենց հարսներուն ճերմակ կուրծքերուն։ Պոռա՛ պապայիդ, որ եօթը լեռ անդին հողին խորունկէն ով գիտէ ինչպէ՛ս կը խորովի իր զաւկին արցունքէն... ։ Անկէ յետոյ վարժութի՛ւնը, որ վարժապետին վարկը կը պաշտպանէր «ակռայ ունեցող», այսինքն` խածան տղոցը քամակին, առանց վախի ու վտանգի սպաննելու չափ, ինչպէս կը գոռար գաւազանը գլխէն պլորած ու ոտքերուս հասցուցած պահուն, ծեծելով անհայր տղան, որ մէկը չունի, բացի կոյր իր հօրքուրէն, անկարող մեր թաղէն դուրս ոտքը փոխելու, եւ որուն բանբերով ղրկած անէծքները քառապատկուած կը բերուէին ետ ` ծոցը թափելու։ Ի՜նչ սրտի ցաւ էր անորը, երբ անկարող իր բարկութեան մէջ, արցունքի տեղ արիւն թորելով աչքերէն, ձեռքերը վեր` կը խնդրէր մուրատատուր Կապուտուորէն հեղիկ մը գոնէ բանար աչքին կապերը, երթար, երեւար երկու անէծքով փարթը [115] դուրս հանէր բերնէն ատ խուզուրխուրդ, խժան, անաստուած վարժապետին, ու ցոյց կու տար իմ ոսկորներս` ոստի նման, ու կը պոռար։ Դրացիները կը խղճային, կը խառնուէին անէծքին իրենց չափովը։ Որ մէկը խօսք կու տար ըսել էրկանը, որ երկննար հեղ մը ժամուն օտան ։ Ուրիշ մը Աստուծոյ խշումին [116] արդէն յանձնուած վարժապետը հեղ մըն ալ ինք կը յանձնէր։ Ու կը քաշուէինք [117] մեր սենեակը։ Հոն, այդ հող ու թրիք հոտող յատակէն, հօրքուրս լացը գովքի կը փոխէր ու կը կանչէր «կէնճըճուկ» հայրս, հեռու հողերէն, տէր, տիրական կենալու ճնճուղի պէս բարակ սա որբին ու «երւալու» [118] վարժապետին, բայց մա՛նաւանդ «Նալպանտենց կատղած Աննային», որուն մեղքերը խորունկ հորերէ քաշուած դոյլերով կը տարածէր իմ ապշահար երեւակայութեանս առջեւ։ Այն ատեն, իմ միտքս [119] ինքնաբերաբար կ՚երթար ան միւսին` Նալպանտենց պապին, որ աղքատին հայրը յորջորջուած էր ողջուցը, ինչպէս ըսած ըլլալու էր յաճախ իմ հետաքրքիր հարցասիրութեանս գոհացումին։ «Որբին ինքը, Տէրը հասնի, օղո՜ւլ», - կ՚ըսէր անիկա, կ՚առնէր զիս ծոցին, անվարժ բազուկներով ու կը գոցէր, գլուխը երեսիս, լացէն խղդուած շունչի անկարող։ Չեմ գիտեր, չեմ յիշեր հիմա, ինչպէս պառկած կ՚ըլլայինք։ ... Քաւելու համար իմ ոճիրներս, ես պարտաւոր էի իմ իսկ ձեռքերովս կտրել անտառէն կաղնեճիւղերու ամբողջ տրցակ մը, մորթազերծ ընել, ժամեր ի բուն, զանոնք, ապակիով, մինչ ուրիշ տղաք գունդ կամ ֆինկիլ կը խաղային, յղկել գառնուկի կամ հաւու ոսկորին պէս` փայլուն ու ջնարակով, գիշեր մըն ալ փուռը չորցնելէ յետոյ` տանիլ-դնել վարժապետին սեղանին։ Այսպէս քաւութիւնը կ՚ըլլար արժանաւոր ու զօրաւոր։ Ու այս ամէնը` որպէսզի մաքրուէին գող իմ մատներս իրենց թոյներէն, ով գիտէ ո՜ր սատանի ձագէն փակած, «շաղուըւած» իմ միսերուս, ոտքերուս ու ափիս` ամէնէն աւելի։ Ծե՛ծ` անշուշտ ուրիշներուն ալ։ Բայց շատը ինծի։ Բայց հակառակ ահաւոր զգայութեան, որ վախին հետ կը խորանարդանար իմ մէջ, ու գաւազանին ներքեւ միսերը կրակի վրայ բռնուածի նման` ամբողջական բռնկում կ՚ընէր զիս, այսօր կրնամ որբի տարտամ, սեւ քմծիծաղով մը վերակոչել ոտքերու եւ ձեռքերու այդ «չոր խաշոց»ը, ինչպէս կ՚որակէր զայն հեւասպառ վարժապետը, թացը վերապահելով պտուկին մէջ խաշուած ոսկորին, եւ լեզուովը շրթունքի անկիւնակապերէն ներս կ՚առնէր քիչ մը արնախառն փրփուր։ Բայց ես չեմ կրցած մինչեւ այսօր բացատրել, թէ ինչո՞ւ շատ աւելի հզօր սարսափ մը փուշ-փուշ կ՚ընէր մազերս այն ատեն, երբ գաւազանէն յոգնած, բայց շատ ալ կատղած, կը սպառնար ինծի` դդումի պէս երկու կտոր ընել գլուխս, կաշեպատ հսկայ Յայսմաւուրքով մը, որ ճիշդ ամսուան մը ուլի հասակ ունէր եւ նիհար բարձին յենակ կը ծառայէր միշտ քովնտի նստող վարժապետին ձախ ուսին։ Բացառիկ այս օրերուն` վարժապետը Տէրը լուսաւորէ անոր հոգին, բայց երկինքին կամ դժոխքին մէջ չդնէ ուրիշ դպրոց մը անոր մականին ներքեւ իր փրթելու չափ բարակցած մատներովը, հեւուն ու տքալով, հազն ի հազ կը վերցնէր զայն բարձին տակէն ու անընդմէջ` հարուածուած հազին բազմակտուց հարուածէն, դժուարաւ ճար ու ատեն կը գտնէր գիրքը գլխուս կործելու ես ամրապէս կաշկանդուած չորս ուժով տղու թեւերուն մէջ` երկու թեւերէս եւ երկու ոտքերէս մեծաշռինդ, հերարձակ ու հոգիէն կարծես պաղշտըկած Աստուծմէն իրեն[ց] [120] գրուած տառապանքին վրէժը լուծելով իմ որբութեանս վրայ, բայց անմիջապէս ալ նուաճուելով հազէն, որ ըսես փեթակէն դուրս քշուող մեղուներու սլաքներու նման ասեղ-ասեղ կը բզկտէր անոր կոկորդը, կ՚ուռեցնէր աչքերը ` դուրս նետելու չափ զանոնք, փոթ-փոթ ընելով մինակ կաշի անոր երեսները։ Ու խուխ ու արիւն, ձմեռը` կրակարանին, ամառը ` պատուհանէն դուրս, պատառ մը հողին վրայ, ուր պիտի խաղայինք կոչնակէն ետքը ու ցոյց տայինք սեւցած արիւնը իրարու, հայհոյելով, զովանալով։ Այդ գի՛րքը։ Երկաթի պէս ամուր, զոր պէտք է կազմած ըլլային պողպատով, իմ գլխուս կ՚իջնէր մութ քարի մը նման, որ լուսաւորուէր մէկէն։ Աչքերէս լոյս կը վազէր մէկէն ու յետոյ կու գար մութը, զոր արիւնի նման պղպջակում մը խօսուն ու եռուն կ՚ընէր։ Կը մնայի լխկած ու կործանած։ Ի՜նչ արցունք արժան է ինծի դպրոցէն դուրս մանաւանդ։ Ֆալախան ու կաղնեփայտ [121] ոչ կաղնիէն, այլ` կաղինէն հասարակաց պատիժներ, իրենց ցաւէն ետքը սփոփանք ալ կը բերէին, վասնզի զիս կը հաւասարցնէի ուրիշներուն։ Նոյնիսկ հարուստի տղաք, իրենց հօրը արտօնութեամբը ու ներկայութեան` կը պառկէին ու կու տային իրենց ոտքերը զարհուրելի գործիքին։ Այդ հարուստները` բացառաբար գիր ու կարդալ չունեցող, կը հաւատային «փայտին ամենազօր իմաստին», ինչպէս չարափոխած էր վարժապետը` խաչի նշանաւոր շարականի մը տողերը յարմարցնելով «գործիք փրկութեան» ին։ Ու իրենց ծխատուփին պարունակութիւնը, երախտագէտ արտայայտութեամբ պարպելէ յետոյ վարժապետին ծխատուփին, կը հեռանային իրենց «շան ցնկնած»ներուն արցունքին մէջ, «կաշի մը եւ ոսկոր մը» միայն պահանջելով իրկունը։ Բայց գիրքին ծեծը վերապահուած էր բոլորովին անոքներուն։ [Մէկը] [122] ՝ հայրն ու մայրը մեռած տղայ` ինծի ընկեր էր հոդ, ինձմէ աւելի դեղին, ալիւրի տեղ մոխիր կերած ինծի պէս, մնացած հօրեղբօր կնոջ մը թաթին տակ։ Անոր հետ մեր գողութիւնները սրտառուչ կ՚երեւին ինծի հիմա, այդքան հեռուէն իսկ պահելով այն անորակելի տրտմութիւնը, քաղցրութիւնը, զրկանքին աղն ու կրակը, որով վարշամակուած մենք մեր մարմինները կը տանէինք կալէ կալ, ցորեն մուրալու կամ բոլորովին անօթի կը մղուէինք հարուստի մը պարտէզը եւ կը թալլէինք, «սատկիլն իսկ աչք առած»։ Ան իրմէն պզտիկ աղբարները չէր մոռնար, գողօնը բաշխելու ատեննիս եւ կու տար անոնց բաժինները։ Որբե՜ր, անօթութիւնը գիտութիւն մըն է, զոր չեն սորվիր մարդիկ։ Զայն ապրողը միայն գիտէ, թէ ի՛նչ ըսել է կենալ վիզը ծուռ, փողոցին դուռին ու նայիլ հացին, որ քեզի տարեկից տղու մը ձեռքէն կը յորդի գետին։ Անոր հետ մեզի վիճակուած այս պատիժին վրայ անշուշտ չենք մտածած պատճառներ գտնել, յանցանքներ [123] խոշորցնել։ Իմ մասիս` այս ամէնուն մէջ զիս անասնացնողը, խղդողը Նալպանտենց տունն էր միշտ, քանի որ անոնց նուռն էր, որ սկիզբը դրած էր իմ վրայ կիրարկուած այս նախատինքին։ Կ՚անցնէր աշունը։ Ձմրան ձիւներուն` գողերու պետ ու վարժապետ աղուէսն անգամ կրելիք ոչինչ կը գտնէր։ Բայց գիրքին պատիժը անգամ մը հաստատուած, օրինադրուած [124], երբեք չէր մոռցուեր։ Վարժապետը իր հեղինակութիւնը կանգուն պահելու համար ստիպուած էր անոր դիմելու, երբ սըկէ-նըկէ տրտունջներ շատնային տղոց մասին։ Մառան կողոպտողներ, [սնտուկ խուզարկողներ] [125], հաւ թռցնողներ, որքա՛ն որ կ՚ուզէք։ Ու այս գողութիւնները` անշուշտ կեցած տուներէն [126] ։ Անոնք կը գողնային, մենք պէտք է «խաշէինք»։ Արդարութեան աշխա՜րհ։ Ո՜վ հնարեց այդ յիմար բառը։ Ֆալախայէն ելլելուս, երբ չկրնայի կոխել նոյնիսկ կրունկիս, ոռքաշ [127] կ՚երթայի իմ տեղս, կը փչէի ուռեցած ներբաններուս, երբեմն ափովս կը փայփայէի փոքրիկ մողէսը, որ սեւցած արիւնը կը ձեւէր մորթիս տակէն, ու կը լռէի։ Կ՚անցնէ՞ր կսկիծը։ Չեմ յիշեր։ Բայց յստակ է ինծի, որ կը մնար գլխուս կոտտալը, պոռալը, մշուշը, որոնք գիրքին հարուածին հետ ծնունդ կ՚առնէին։ Ու լխկած, յիմար, ուշակորոյս, մոռցած լացն ու ցաւը, որոնք ծիծաղելի ալ էին երկարած ատեննին [128] եւ վարժապետին թաքուն հաճոյքը կը համեմէին, ես մտքով գացած կ՚ըլլայի մեր հողէ սենեակին, հօրքուրիս ու մսող մուկերուն, անկրակ տուներէ Նալպանտենց հարուստ սենեակին [129] ։ Ու ասիկա, այսպէս, տարիով։ Մինչեւ որ հասակ առի։ Գացի քաղաք մօրս քով։ Տեսայ պալատներ, ո՛չ հեքիաթէն, այլ ա՛ն հարուստներէն, որոնց մանարաններուն մէջ կ՚աշխատէր մամաս։ Ու պալա՜տը հսկայ հարուստի մը, որուն մէկ զաւակը խլած էր կաթն իմ բերնէս, չորս ամսու մանկիկի իմ բերնէս։ Հոն կը մտնէի տեսակ մը իրաւունքով, կարծր հպարտութեամբ։ Ու կը նայէի պալատէն աւելի այդ աղջկան, անա՜նկ բարակ ու երազ, անա՜նկ խարտեաշ ու քաղցր։ Որուն աչքէն խունկ կը հոտէր [130], իմ այն օրերու գերագոյն զգայութիւնս` գեղեցկութենէն ու համէն։ Անոր լաթերը կը շտկէր մամաս, կ՚անցնէր կռնակիս ու քաղքի տղու մը վերածած, ամրան մուտքերուն գեղ կը ղրկէր, երբ ձմեռուան հանգիստէն յետոյ գործարանները վերաբացուէին։ Գիրքը հոն էր միշտ, մեր դպրոցը, որուն ամառնային աշակերտն էի, շերամի եւ խոզակի ատեն, ընելիք չունեցող տղու մը գիծէն։ Վարժապետը` աւելի կամարած։ Բայց ես` հասակ առած եւ հագած ի՛նչ որ չէր անցած մեր գեղի ամէնէն հարուստին տղուն կռնակին։ Նալպանտենց տո՜ւնը։ Տո՞ւն էր այդ փոքր բանը, գէր ու կարճ, որուն դուրսն ու ներսը մազի չափ իսկ արժէք չունէին մօտիկը դրուելու իմ տեսածներուն։ Չեմ գիտեր, ինչո՞ւ չխնդաց իմ երեսը մանկութեան այդ օրերէն մինչեւ հիմա։ Բայց գիտեմ, որ իմ հոգիիս մէջ` քարուկիր ու անքակտելի` մնաց այդ առաջին ու անողոք զրկանքը, զոր իմ ոսկորներս ունեցան գուցէ կեանքին սեմէն իսկ. ու մեծափարթամ ապարանքներէ ներս ես սեւեռած ըլլալու եմ անհուն ու անկարեկիր հակադրութիւնը, որ հարուստին եւ աղքատինն է, ատանկ հեռաւոր, տղայ, մանուկ, զոր ոչինչ կրնայ մեղմել կամ սրբագրել։ Զգայարանքները, ջիղերը կ՚առնեն այդ կնիքը եւ կեանքը անզօր է անկէ թեփ մը, փուր [131] մը իսկ բան փրցնելու։ Գեղին մէջ, նոյնիսկ ատանկ պզտիկ պարոնի մը իմ հոգիիս խորը, չմարեցաւ սակայն ատելութիւնը վարժապետին դէմ (որ հակառակ իր անգթութեան` ողորմելի էր գուցէ ինձմէ աւելի, իր լալկան, Մեծ պահքի փոխին պէս երկայն-հասակ [132] հազովը, հատնիլ չունեցող, քիթն ու բերանը բզիկ-բզիկ բերող ու աչքին պտուղները կուց-կուց ծեծքող. ու ողորմելի էր իր անհատնում գերեզմաններով տղաքն ու աղջիկները, դպրոցի արժանի չեղած` կը մեռնէին, անպատճառ, ով գիտէ ո՛ր սիրտը ցաւած մօր անէծքին մատաղ երթալով ու, իր կերած թթու չախերովը նոր ժմնած աղաներէն [133] ու հոգաբարձուներէն), այլ մա՛նաւանդ գիրքին դէմ, որ շարունակեց դիմանալ, այսինքն` չքակուիլ իր կազմէն։ Կատոզի [134] տախտակէն ու գոմշու մորթէն ձողուած [135] իր պատենին եւ կողերուն շնորհիւ։ ... Օր մըն ալ, վարժապետին մահէն ետքը, որ գտաւ զինքը իր բազմոցին վրայ, քովնտի նստած, ձախ ուսը վեր վիճակի մէջ, յանկարծահաս ու կարմիր, սափոր մը արիւնի հեղեղին մէջ խեղդելով անոր խեղճ, թշուառ հոգին, գիրքը մնաց առանց բարձի եւ մէջտեղը։ Այն ատեն ես կարդացի, կատաղի ատելութեամբ, անոր առաջին էջին վրայ խոշոր -խոշոր գիրեր, շատ բան, որոնց կարգին Ապուչեխ տարօրինակ, բայց մեզի ընտանի բառը։ Ուրկէ աւանդութիւն մը` տէրտէրին հօրմէն ալ վաւերացուած, կը բերէր թէ՛ գիրքը, թէ՛ գեղին մեծաւոր անունը ` Նալպանտենցը ։ Ուրե՞մն։ Հաճի աղային մեծ հայրը ու հետն ալ գեղին երկրորդ, ձորակէն անդիի մասը հիմնաւորող առաջին եօթը ընտանիքները։ Տգեղ, հաստ, տզրուկի պէս ուռած այդ գիրերը, որոնք պատիւներով, փշիկներով եւ աղեղներով իրարու կը փաղանգուէին եւ կը ներկայացնէին արի՜ւնը զիրենք հոդ թափողին։ Ձեռագիրը կը նմանի գինիի. քանի՛ հիննայ` ա՛յնքան թունդ կը դառնայ։ Ո՞վ էր մեղաւոր այդ գրի՛չը։ Մահտեսի Արութիկը, որ իր հոգիին համար շահած էր այս մատեան ը եւ նուիրած գեղին վայելումին։ «Որք ընթերցջիք, մի մոռանայք զողորմիսն»։ Այն ատեն չըսածս` հիմա առատ ու սրտագին, ո՜վ երանելի Արութիկ, ներէ, որ հայհոյած ըլլամ այնքան յաճախ քու անունիդ ու յիշատակիդ։ Հիմա կը զգամ, որ մտքէդ պիտի չանցնէր, թէ ի՛նչ պատուհաս մը կտակեր էիր դուն ութամեայ տղոցը գլխուն... ։ Հիմա` որ այս տողերը կը գրեմ, ո՛չ պատմութեան, ոչ ալ սրամտութեան կը ծառայեմ։ Իրաւն հոն [136] է, որ սիրտի նոյն սեղմումով ես հանդիպումն ըրի ուրիշ գիրերու։ Հին մատեաններու, ձեռագիրներու ուրիշ պրպտումներուս ընթացքին, բացառիկ ու անորակելի յուզում մը կը ծաւալէր մատներէս, երբ որեւէ յիշատակարանի մէջ կը կարդայի անուններ, նոյն այդ գեղէն ամիրա կամ ոչ–, որոնք բոլորն ալ երանելի Արութիկին նման, իրենց մեղաւոր հոգիներուն փրկութեանը համար գրել կամ տպել տուած էին սրբազան մատեաններ... ։ Եւ Ապուչեխը տեսակ մը հնոց էր եւ է՛ տակաւին, իմ մտքիս մէջ, ուր ոսկին եւ մեղքը, հաւատքն ու «հովանին սուրբ եկեղւոյս»ը իրարու հետ զանգուած, տարօրինակ կնդրուկի մը նման կ՚այրին ու չեն հատնիր։ Հիմա՛, այսքան հեռուներէ, ով Յայսմաւո՜ւրքը մեր գեղին... ։ Գուցէ դժուար չըլլայ նմանութիւններ հաստատել ապուչեխցիներուն ընչեղ յիշատակին եւ Նալպանտենց տունին կապուած դրուագումներուն միջեւ... ։ Ու պէտք է բանալ ծրարը։ Չեմ զբաղիր ծագումով, որ մեր հեքիաթներուն մէջ այնքան սիրական, ընտանի ճակատագիրը կը ձեւէ գոնջ տղուն, անով սկսելու համար հիմնարկէքը բոլոր մեծ բախտերուն եւ հարստութիւններուն։ Հաճի Արթին աղան բացառութիւն պիտի չկազմէր։ Կային մարդեր, որ կ՚երդուըննային։ Ու ի՞նչ։ Լսած էին անպատճառ, եթէ չէին ալ տեսած։ Ու լսած էին, թ է ինչպէ՜ս հաճի աղային մեծ հայրը` հաճի Սերոբէն, ջուխտ մը տրեխով ինկած էր մեր գեղը եւ ժում մը հացի գնով կ՚աշխատէր իրենց պապերուն մօտ։ Ու աւանդութիւնը չի ստեր անշուշտ։ Ո՞ր պանդուխտը այդպէս չէ սկսած կեանքը։ Դուք լրացուցէք անջրպետը, որ օրան մը կը բաժնէ գերեզմանէն։ Ու լեցուցէք անով, որուն անունը կեանք են դրած, բայց սա ձեր գիտցածէն քիչ մը տարբեր։ Դրէք անօթութիւն, քրտինք, զրկանք, կարաս-կարաս, կատոզ-կատոզ։ Դրէք քիչ մըն ալ, ջուրի գաւաթով, համ ու վայելք։ Դրէք լիճի երեսին պէս պարագրկող ցաւ, տառապանք։ Յետոյ հաւաքեցէք ձեր բոլոր դրածը։ Եթէ բուռ մը հող գտնէք, երանի՜ ձեզի, ո՜վ մեր ցեղին հողէ զուրկ զաւակներ, որոնց գերեզմանն անգամ սուտ պիտի ըլլայ... ։ Բայց պէտք է քալել։ Իրական ու պատմական փաստը ա՛յն է, որ հաճի աղան գագաթը կը կազմէ այդ կառուցումին։ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան այդ ընտանիքին իսկական անունը հիւրընկալած է իր Աշխարհագրութեան մէջ, որ երկրորդ Յայսմաւուրքի մը նման, սնդուսէ ծածկոցով, կը պահուէր դեռ իմ օրերուս։ Իրականը ա՛յն է, որ մէկ սերունդի վրայ, այսինքն` դեռ հայրը չմեռած, հաճի Արթինը գրաւած էր գեղին կէսը, երբ պարապ հող էր ասիկա։ Ինչպէ՞ս։ Շահեկանը սա չի կրնար ըլլալ հիմա` հարիւր տարի ետքը։ Մարդոց գործելու կերպը կը մոռցուի, բայց գործը կը դիմանայ։ Ան է, որ շինած է գեղին հսկայ եկեղեցին` կռնակովը կրելով ձորակէն քար, ու քսակովը` շաղախ։ Բայց զգուշացած է իր անունը փորելէ դրան ճակատին։ Դիւրին է, մահուան անկողինէն, պանքաներու խողովակով, թուղթի ճամբաներէ եկեղեցիներ կտակել։ Հաճի Արթինը շինա՛ծ է։ Ա՛ն է, որ այդ ժամուն ծոցը թափած է անգին ու առատ գանձերը Արեւելքին. [137]    ոսկի՛ն, բայց հաստ, ոչ եղէգի պէս ծուծը պարապը, այլ բազուկի պէս լի՛քը, որով կաղապարուած են լման Քրիստոսներ, Ադամներ, Եւաներ, օձեր եւ պտուղներ։ Գոհարնե՛րը, խոշորն ալ, մանրն ալ, փոշեձեւ կամ նռան հատիկ, ամէն գոյնէ ու ամէն լոյսէ, որոնք խաչվառներուն ու խաչերուն ու սկիհներուն ու Աւետարանի պատեաններուն մարմինը կ՚ընդելուզեն, խատուտիկ, պսպղուն, մութէն անահ, լոյսին տակ հեղուկ եւ անոր անունը կը սեւեռեն վառող ու անջինջ։ Ու բեհե՛զ, ծաղկի թերթին պէս բարակէն սկսեալ, որ ափիդ մէջ հովի կը փոխուի, մինչեւ ուսդ տեղէն խախտելու չափ ծանրը, որուն ծալքերուն բերաններէն անտես շերամ մը դեռ չէ մոռցեր իր ճարտարանքը հիւսելու եւ հեղելու։ Ու խաչ ու կանթեղ` որոնց արծաթը տարիներ չի խարզիր եւ [որոնք] [138] ժամուն ամէն թեւերէն լոյսին հետ` պլպլումը, վառքին [139] հետ` մահուան մուգը, խունկէ աղօտացումին հետ` նշուլումին հեւքը, հոգեւարքը [140], երկնաւորումը կը կերպադրեն։ Ու շուրջառներ, որոնց վրայ բանուած ծաղիկները փսոր-փսոր կ՚արիւնին, կը ծիածանուին, մոմերուն լեզուէն, բայց կը մնան իրաւ, իրական` պզտիկները, նոր տեսնողները, օտարները պատրելու աստիճան, որպէսզի ասոնք թեւ երկարեն քաղելու համար վարդ ու շուշան ու շահոքրամ շրջիկ պարտէզէն, թափօրի ելած քահանային կռնակէն։ Ու լման ոսկի, ոսկեհիւս ըսել կ՚ուզէ ժողովուրդը, վարագոյրներ` որոնք, մայր ու աղջիկ, մէկը` խորանին, միւսը` բեմին, Աւագ սեղանին վրայ կը քաշեն բոցի եւ հեղուկ ոսկիի ծփանուտ պատեր ու մարմարին վրայ` իրենց ալիքներէն ո՛վ ալեկոծումը բեհեզին, երբ մետաղին վրայ կ՚աւելնայ ներքին կրակը, երկինքին հեղուկցած մտապատկերը, արքայութեան թեւաւոր շառայլը, ատանկ ցոյցի եկած` մեղաւորներուս աչքին ադամանդն ու զմրուխտը, մարգարիտն ու ախեխը [141] բուռ-բուռ կը թօթուեն։ Անոնք, որ, տօնական օրերուն, մեր եկեղեցին դրախտին հետ չեն փոխանակեր այս ոճը ընթացիկ էր մեծին ու պզտիկին բերնին–, աւելորդ ու ծիծաղելի չափազանցութիւն չէ, որ կ՚ընէին։ Ե՛րբ եւ ինչպէ՜ս` այս արքենի առատութիւնը` սուղ մետաղի՛ն։ Գտէք պատմութիւն [142]. դրէք խաչ ու հայու խելք։ Դրէք տակաւին դա՛րը. ամիրաները, թուրքերուն անիւը ըսել կ՚ուզեմ` մեծաւորներուն ճակատագիրը եւ ատոնց լծուած հայերունն ալ դուք չէք սխալիր։ Բայց չէք գտներ ակը։ Այդ օրերուն «մարդիկ կառքով նապաստակ կ՚որսան», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական երգ մը։ Այս ամէնը շնորհն էր այդ մարդուն։ Անոր մահէն ասդին, այսինքն` ամբողջ կէս դար, մեր հարուստները շարունակեցին Երուսաղէմ երթալ ու «բեռնով» դառնալ, բայց յիսուն հարուստ յիսուն տարուան մէջ չեն ըրած այնքան` որքան հաճի Արթինը մէկ տարուան մէջ, մեր ժամուն համար։ Ու ան շինել է տուած, թրքական պալատներու ոճով, գեղին առաջին ու վերջին ապարանքը, հին` գոյներուն աղօտութեամբը, լայնանիստ ապարանք, միայարկ` բայց երկթեւ, բայց որուն մէկ յարկին մէջ միւս տուներուն զոյգ յարկերը դիւրաւ կը զետեղուին։ Տեսնողներ կային իմ տղայ օրերուս։ Շէնքին երկու թեւերը իրենց մեկնումի կէտէն կը յօրինէին ճակատ մը, կնճռոտ` վասնզի հին ու ժանգահար մարմարներուն վստահուած էր այդ կառոյցը, որուն ներքեւ հսկայ դո՛ւռը, ինքնին ծանր ու անջատ, մուտք տալու համար բեռնաբարձ ուղտերուն, եւ կուրծք` հաւանական ասպատակներուն, որոնց արշաւները հետզհետէ ցանցառ, բայց միշտ կարելի` այդ գեղերուն ամէնէն դժնդակ պատուհասը եղան դարերով։ Ընդհանուր իր ոճին մէջ, պալատը կը կրկնէր Արեւելքի մէջ զուսպ երեւնալու պարտաւոր, քրիստոնեայ բնակարաններու արտաքին լրջութիւնը։ Գոյնի փայլատ պաստառ մը կը պարուրէր անոր ընդարձակ երեսները։ Լայն ու մշտապէս փակ պատուհաններ ետ կը հրէին նայուածքը ` հպատակելով աչքէ խուսելու թաքուն բնազդի մը, ինչպէս ուզած ըլլալու էր մեծ, փորձ իմաստութիւնը, շէնքը այդպէս ամբարձողին։ Բայց հեքիաթի պէս մշուշոտ ու խտղտիչ է անոր ներքին պատկերը։ Անոր բաղնիքը իր մարմարները առած է Նիկիոյ աւերակներէն, որոնք բացած, բանեցուցած է սեպհական [143] քարահանքի մը նման։ Անիկա կը կրկնէր եկեղեցիին զարդարանքը, աշխարհիկ առարկաներու ապշեցուցիչ հանդէսով։ Հեքիաթը կը սաւառնի տալու ատեն հիւրասրահը։ Բայց այդ մասին աւելի ուշ։ Պէտք է դառնալ իրեն, զարդերուն զա՛րդը։ Փառքին ու դրամին տարօրինակ գործաւո՛րը։ Որ չէ մօտեցած մարդերէն ըմբռնելի կաղապարներու, ու վարած է իր կեանքը կշռոյթին տակ իր ցեղին խոր օրէնքներուն։ Օրէնքներ` մեզի ծանօթ, բայց անհնազանդ։ Որոնք մեզ կը լքեն մեր երկրին վրայ, բայց չեն ուրանար ու կը գտնեն իրենց մարգարէները աշխարհի ամէն ծագերուն։ Որոնց մատովն է, որ քալեցին մեր պատմութեան գոնէ վերջին տասնհինգ դարերը։ Բայց... ։ Ինչ որ տակաւին, իմ օրերուս, կը քաշքշուէր անոր փառքէն, գործէն, նկարագրէն բեկորներ, բոլորն ալ անշուշտ, ցոլացման ենթարկուած ժամանակին մեծ ջուրին ծոցը ու բեկուա՜ծ, մեծ մասով մաշած կամ բոլորովին գուլցած, զայն կը մօտեցնեն անցեալ դարու մեր ամիրաներուն։ Ու ամիրան` հիմա պարապ հնչիւն, այն օրերուն մեր գերագոյն խտութիւնն էր։ Ինչպէս հայրապետը, որ մեր հոգեկան երակները կը համադրէ եւ մեր պատմութիւնը կը կերպադրէ։ Ինչպէս փարթամ ու պարթեւ կաթողիկոսները ե ւ կղերիկոսները, որոնք մեր աշխարհիկ արքաներուն խորհուրդը կ՚անձնաւորեն ու մեզ կը պատրեն, կուլ տալու չափ իրենց օրայ ին (aura) մէջ ամբողջ զգայնութիւնը [144], հոգին ու մարմինը մեր ցեղին, այնպէս որ, մեր վաւերական թագաւորները տժգոյն դիմակներու կը վերածուին ու կը ջնջուին անոնց վեղարին ստուերին մէջ, ինչպէս մեր երկիրը` սրբազան լերան եռանկիւն շուքին մէջ, փոքր ու երկարուն բանի մը կը փոխուի... ։ Ոչ ոք ստոյգ փաստեր ունի հաճի Արթինին հարստութեանը ստոյգ խմորին։ Կ՚ըսուի, թէ անիկա Պոլսէն սկսած է շէնքը։ Կ՚ըսուի, թէ յունական պատերազմներուն ատեն ջորի հաւաքած է պոլսեցի հայու մը հաշւոյն, որ անոր անութին տակ դրած է արքունի հրովարտակը` ոսկի գլանի մէջ եւ առաջնորդած է զայն մեծ ձեռնարկներու։ Կ՚ըսուի, թէ պատերազմէն ետք երկարած, երկարած, երկարած է անոր ձեռքը, ափ ի բերան ձգելու չափ գեղին հին գերդաստանները։ Այս ընդարձակումը անիկա գունաւորած է իմաստուն արարքներով։ Արագ-արագ, իրենց իսկ արբանեակներուն նպաստովը` անիկա սանձահարած է գեղին շուրջ աւազակները, ինչպէս որջացած բռնակալները, շրջանին աստուածները ասոնք, ընդհանրապէս հանգստեան կոչուած զինուորականներ, որոնք յանուն Ալլահ ին եւ փատիշահ ին կը գանձեն տուրքերը եւ կը մարսեն, կեդրոնին ուղարկելով թուղթէ ցուցակը անուններու եւ գումարներու։ Կառավարութեան պաշտպանութիւնը ապահոված է անիկա իր այս ճարտար խաղարկութեան համար ու մեր լեռներուն է՛ն հուժկու ասպատակը, Քէօր օղլուն, հաւու մը պէս մորթել է տուած խենթ Օհանին... ։ Ու հարուստ է անիկա։ Դրամը կը հոսի դէպի անոր պալատը` բոլոր առ ուներէն։ Ան կը ճկէ իր առջին, թուրք աղաները շրջանին, զանոնք առանձին-առանձին ենթարկելով, Պոլսոյ իր կռնակին շնորհիւ, եպարքոսներու ցասումին եւ սոթտելով անոնցմէ գրիւով ոսկի, որ ուղտերով կը ճամբորդէ [145] Պոլիս։ Գեղի՞ն մէջ։ Ան թէ՛ կը սիրէ, թէ՛ կ՚ատէ` այդ կարգի տիպարները։ Բռնաւոր ժպիտով եւ լռութեամբ, բայց անդիմադրելի ամէն ճակատէ, ան կառավարած է ո՛չ միայն հայ իր գեղը, այլեւ` ամբողջ շրջանը, 30-40 կտոր գեղերովը, թուրք ու հայ, որոնք աւելի մօտ տարիներուն, դեռ չէին տաճկցուցած իր կառուցած աղբիւրները, բաղնիքները, ջրհորները եւ ձիթահան [146] գործարանները։ Կռի՞ւ։ Այսինքն` զէնքի գրոհ, քաջութիւն, կրակին դէմ վազել, խենթենալ ու սպաննել, չի յիշուիր իրմէ։ Գուցէ վերջին դարերու իմաստութիւն մըն է հոս միջամտողը։ Բայց գիտեն, թէ առանց երեւալու` ան կ՚ենթարկէ մարդերը իր հրամաններուն։ Չի յիշուիր ոչ իսկ մէկ հատիկ դրուագ առանձնական քաջագործութեան, որմէ այնքան կ՚ախորժի հեքիաթը, երբ այդ մարզերէն չուան կը քաշէ։ Բայց կը պատմեն անոր տաղանդը ձի քշելու, ինչպէս խոզ ու արջ որսալու մէջ։ Գեղէ գեղ, այն ատենուան բառով` իջեւանէ իջեւան, պետութեան կողմէ հաստատուած դրութեան նման, անոր սեպհական [147] կայանները ախոռ կամ ձէթ հանելու գործարան, կամ ագարակ անոր պէտքերուն համար մշտապատրաստ կը պահեն լաւագոյն երիվարները։ Ան կ՚երեւայ ամէնէն անակնկալ պահերուն, ձիւնի հսկայ մրրիկներուն կամ քառասունութ ժամ ինկող անձրեւներուն, երբ երկինքն ու երկիրը կը լուծուին իրարու մէջ ու ջուրն ու հողը կը նոյն[ան]ան [148] ։ Որ [149] անյագուրդ կրակը այդ դանդիռի [150] ատեններուն զայն դուրս կը նետէ պալատին ոլորտէն ու կ՚արձակէ հեղեղին եւ մշուշին։ Անոր ձին զայրագնած հեղեղները կը փնտռէ եւ ճահիճները կը պատռտէ... ։ Թռչունի նման կու գայ, կը ձգէ ջարդուած երիվարը, կը թռի պատրաստի քամակին ու կը սուզուի մշուշին ծոցը։ Զինուած` մինչեւ «ականջին վրանները»։ Խռով այս պահերէն իր ախորժը ոմանք կ՚ուզեն շաղկապել խորամանկ իր հաշիւներուն։ Կրնայ մեկնուիլ անձնական բխումով։ Մարդեր կը ծնին յիմարութեան մը ոլորտին մէջ, որ անոնց շրջաշխարհն է, եթէ ներուի այս բառը։ Մէկը պիտի խենթենայ կիներուն ետեւէն, վասնզի իր աշխարհը կը յուզուի անոնց հոտերէն։ Ուրիշ մը պիտի սիրէ գետը։ Ուրիշ մը` անտառը, եւ այսպէս` ամէն մարդու համար... ։ Անիկա ուղտերով ոսկի կը փոխադրէ դէպի Իզնիկ ու դէպի Պրուսա ու դէպի Պոլիս։ Անշուշտ պէտք է ոսկիին քով պղինձն ալ տեսնել։ Ու պատմական են ու գեղեցիկ անոր կարաւանները։ Պսակաւոր, այսինքն` դրօշազարդ ու մեծաշուք, երբ կը ճեղքեն լիճին ափէն թուրքերուն գեղերը ու անվախ, մա՛նաւանդ` երբ խճուղիէն շատ առաջ, լեռնէն, այսինքն` հսկայ անտառուտքներէն, ուր ճամբան իսկ կը վախնայ ինքնիրմէ ու կը փոքրանայ, անոր ձիերը կը խրխնջեն համարձակ ու սրտոտ։ Բոլոր լեռներէն եւ բոլոր պահակ ներէն [151]  ան ունեցած է ազատ ու հարթուած անցք։ Յուղկահարները, որոնք պետութեան պաշտօնական առաքումներն իսկ անխնայ կը թալլեն, յարգանքով ճամբայ կու տան անոր կարաւաններուն։ Կ՚ակնածին իրմէն շրջանի գեղերուն բոլոր մեծաւորները, Եմէն ըրած կոշկոռուտ ու կանանչ-գլուխ [152] շէյխերը, դատարաններու մեծ- գլուխ [153] փաթթոցները, ինչպէս կուսակալանիստ քաղաքին մոլեռանդ, վայրենաբարոյ դահիճները։ Իր անունը կը բաւէ, որպէսզի բացուին կապուած ճամբաները։ Ասոնք հիմա իբր բառ կը տպաւորեն ձեզ։ Բայց գիտցողը միայն, տեսնողը միայն կրնայ մտապատկերել ուժը մարդուն, որ միս-մինակը կը մտնէ երկու բերանները ամրօրէն բռնուած կիրճէն ներս, հրաման կ՚ընէ, որ արձակուին կողոպտուած ու կապուած ճամբորդները, վերստանալով ինչ որ տուած էին աւազակներուն, ու շարունակեն իրենց ճամբան։ Կը սիրեն զայն աւազակները, որոնք ազատեց նոյնիսկ կախաղանէն, ո՛ւր որ տրուեցաւ իրեն հանդիպիլ չարագուշակ եռանկիւնին, դրամի գնով կշռելով ու քաւելով անոնց մեղքերը։ Սիրելի էր ան ջոջ թուրքերու, մայրաքաղաքէն, ուր կը ճամբորդէր ամէն տարի, հարիւրէ աւելի ձիերով եւ նոյնքան մըն ալ ուղտերով։ Ուշագի գորգ եւ Քէօթահիայի յախճապակի, Պրուսայի մետաքսեղէնները կը կազմէին անոր հակերը, մա՛նաւանդ դեղին ոսկին, զոր շրջակայ գեղերը կթան կովերու նման պարտաւոր էին ճարելու անոր։ Ու հարիւր ձիաւոր, բոլորն ալ սպառազէն, հագուած թուրքի պէս, կ՚ընկերէին կարաւանը, լիճին հարաւէն դէպի Նիկիա, անկէց` Իզնիմիտ [154] - Պոլիս։ Ծովը խարդախ է կնիկի նման։ Ու քաջարի մեր տղաքը կը վախնան անկէ։ Այս կարաւաններուն շքեղութիւնը, առթած արմանքը, յարուցած խռովքը դեռ չէին մոռցած 70-80 տարիներ վերջն ալ։ Կը դառնար հաճի աղան «երջանկութեան տունէն» (Պոլիս), շատ զօրաւոր պաշտպանութեանց գրաւականով։ Վասնզի իր թուղթերը կը վարէին գազայ ին գործերը` Պոլսէն գրուած։ Տեղակալը, միւֆթին [155], կառավարական բոլոր պաշտօնեաները կամակատար գործիքներ էին անոր ափին մէջ։ Բայց աւելի շահեկան է անիկա գեղին մէջ, բարքերուն վրայ իր հեղինակութեամբը։ Բարեպաշտ, թերեւս սրտա՛նց իր եկեղեցին այդքան փարթամ ընծայող բա՛նը իր մէջ` իր հաւատքը` խիստ էր ու բարբարոս, հին մարգարէներուն ունեցածին նման, բայց անողոք կարծրութեամբ` հաստատուած սովորութեանց կիրառումին մէջ, ուր կը մտնէին թերեւս մռայլ ալ հաշիւներ` անիկա ամիսով կը բանտարկէր, որո՛նք որ թերանային իրենց կրօնական պարտքերուն մէջ։ Պահք մը աւրելը ողբերգական հետեւանքներու կրնար դուռ բանալ։ Կթան ունեցողները ամբողջ Մեծ պահքին չէին կրնար զատել մայրերը հորթէն ու գառնուկէն։ Առածի կարգ անցած է ուժը անոր քիթին, որ թաղ մը հեռուէն կ՚առնէր հոտը տապկուած իւղին ու սոխրացին։ Կը մտնէր անիկա ամբարիշտ յարկէն ներս ու կերակուրը ամանով միասին կը շպրտէր փողոց, ջարդ ու փշուր կոխկռտելով իր մոյկերուն տակ պղնձեղէնները։ Ու ասիկա, այսինքն` ներողամտութեան այս աստիճանը` ձէթին համար։ Չէր քաւուեր կարագը, հաւկիթը։ Նոյն ատեն դատաւոր, երէցփոխ, աթոռակալ, կառավարիչ` անիկա ժամուն զնտանը կը նետէր գինովները, այրիին այգին աւարողները։ Կը ծեծէր անգործը, դատարկապորտը` երեք օր ջուր միայն տալով կերակուր։ Կը պատժէր, հրապարակային ու հանդիսաւոր արարողութեամբ, հայրը անսաստող անօրէն որդին, գեղամէջի սօսիին կապած, ոսկեգունդ իր ճոկանով անխնայ թակելով տմարդի այդ ոսկորները։ Ու պատգամ էր անոր ձայնը` մեծ` ինչպէս փոքր վէճերու մէջ։ Անոր տիրակալութեան ամբողջ ընթացքին գեղը ապրեր է գառնուկի պէս։ Ոչ ոք ոչ ոքի քիթն է արիւնած։ Իր գեղացիներուն հանդէպ այդքան խստաբարոյ` անհասկնալի տկարութեամբ մը անիկա պաշտպանած է օտար գեղերէ ո՛վ որ օրէնքէն հալածուած, ապաստան է փնտռեր իր շեմին։ Գող, մարդասպան, հրձիգ, պարտապան` օգտուած են իր լայն ձեռքերէն։ Անիկա մտքէն չէ անցուցած օգտագործել այդ տիպարներուն բազուկը կամ խելքին պակասը, ինչպէս պիտի ընէին մեր օրերուն նոր հարուստները, իրենց անկշիռ մարմիններուն իբր պահպանակ թոշակելով յուղկահարներ եւ ոճրագործներ։ Իրմով ազատուածները [156], հակառակ իրենց բուռն ցանկութեան, չեն կազմած իր անձնապահ գունդը, որ շրջանի թուրք բռնաւորներուն հաւատարիմ գործիքն է եղած, կեղեքման ու ահաբեկման։ Պաշտպանած է դարձեալ զօրաւորին թաթէն փախստական յանցաւորը, այն օրերուն ղարիպը` իր բնակարանին հազարումէկ անմատոյց խորշերուն մէջ դուլ ու հանգիստ բաշխելով անոնց վտանգահար գլուխներուն, կերցնելով, հագցնելով, զինելով եւ իր մարդոց միջոցով, ապահով, զանոնք Ողիմպոսի անառիկ կիրճերը առաջնորդելով։ Ու ասիկա` հալածիչներուն աչքին առջեւ։ Իր ահը զարկած է տուներուն խորագոյն մասերը, անցած էրիկ-կնկան մահիճէն անդին։ Կիներ չեն համարձակած իրենց գժտութիւնը, կռիւներն ու անէծքները հրապարակ թափել... ։ Ու չէ աւրուած ոչ մէկ անկողին թուրքին սերմովը։ Գեղը կը ներկայացնէ անոր առագաստը անարատ ու օրհնուած։ Երկվեցեակ մը մանչ ու աղջիկ, որոնք կ՚անցնին մահուան բոլոր ճամբաներէն ու յաջողութեամբ ոտք կը դնեն երկրորդ մանկութիւնը, ուրկէ անդին անոնք գրողէն ալ վախնալիք չունին։ Կ՚աճին անոնք, զսպուած ու խելօք, իրենց հօրը փառքին տակ, անաղմուկ, խօսքմռուկ, ամչկոտ ու խրտչուն։ Գեղը կ՚անգիտանայ դժնդակ փորձանքը, որ անոր ծերութեան սկիզբը կ՚ընէ տկար ու տխուր, ու կը ձգէ զայն թաթին տակը սատանային։ Բայց այդ մասին աւելի ուշ։ Երկար է թուումը անոր ստորոգելիներուն` բարոյական մարզէ։ Դարձեալ աւելի ուշ։ Ու անբաւ է անոր հարստութիւնը, հաշիւը հերքելու չափ անբաւ։ Դուք մի խաբուիք կամ մի բաւարարուիք ուղտերով։ Անոնց տարածը միշտ խմորի պէս ոսկին չէ։ Դուք լաւ կ՚ընէք, եթէ ժողովուրդին ըրածին նման, որ ամէն բան կը չափէ ու կը ձեւէ իր կանգունով, իջնէք անոր խորհրդաւոր, կնիկին իսկ անծանօթ նկուղը, հողէն եօթը կանգուն ներս, ուր ցորենի թեղի [157] մը պէս ան շեղջած [158] պիտի ըլլայ ոսկին։ Տեսնո՞ղը։ Ոչ ոք անշուշտ, քանի որ գաղտնիք է ոսկին` ինչպէս արգանդը։ Ո՞վ աչքով է տեսեր այս երկուքին վրայ պատմուածները։ Ո՞վ կրնայ ուրանալ անոնց ճշմարտութիւնը։ Ու այսքան հեռուէն աւանդութիւնը չի մոռնար ժողովրդական երեւակայութեան բոլոր ծաղիկները բուսցնել մարդուն ու նկուղին փոխադարձ պաշտամունքին վրայ, լուսաւորելով երբեմն անհուն խորութիւններ։ Այսպէս, անիկա ոսկին պիտի չափէ մարդկային գանկով մը ու գոց թարթիչներուն վրայ պիտի փակցնէ մէյ մէկ հատ... ։ Բայց կը շարէ անիկա, կարասները լեփ-լեցուն ոսկիո՜վ, ու անոնց առջին` ծունկի՝ մոմէ [159] պուկի մը, տղու մը մարմինով, որուն սիրտը կը մխէ ամէն տարի մէյ-մէկ մաստ-ասեղ [160]... ։ Գետնէն դուրս, անորն են շրջակայ բոլոր գիւղերուն, հայ թէ թուրք` բաղնիքներն ու ձիթհանները, խաներն ու առաջաւոր սրճարանները, առաջին անգամ ինք խորհած ըլլալով անոնց հիմնումին։ Ու անհատնում տուներ, մօտ ու հեռու գեղերէ, երբեմն ամբողջ թաղեր, որոնք անիկա ձեռք ձգած է իր ճամբաներով։ Հանրային հողերու վրայ կալուածական ստացումները այդ օրերու մասնայատուկ ռազմավարութիւններ են, որոնցմէ կը պարտուի պետական պաշտօնեան ` չհասկնալով հաշիւները անխելք հայերուն։ Չէ՞ որ ասոնք կը կաշառեն ու կը գրաւեն անպէ՜տք հողերը։ Անիրաւին, ապօրէնին բաժի՞նը` հաճի Արթինին այս տարածականութեանը մէջ։ Մոռցուած է հարկաւ առատութեանը դէմ միւս փաստերուն, որոնք անոր ձեռքը կ՚ընեն բաց, դատաստանը` արդար, սիրտը` բուխ։ Ո՞վ իջեր է խղճմտանքին տունը։ Ո՞ւր է մոմը, որ բռնենք [161] ափ մը այդ անդունդին վրայ։ Կը սիրէ զարդը` ինչպէս իր ցեղին բոլոր փարթամները, ինչպէս իր ցեղին հասարակ անհատները, որոնք քաղաքի մը, գեղի մը մէկ մասին կը դրոշմեն իրենց նկարագիրը եւ հակառակ ընդոտնուած [162] ըլլալնուն, նոր ժամանակներու մուտքին տուած կ՚ըլլան Արեւելքի քաղաքներուն կարելի շնորհ, մաքրութիւն, ճաշակ ու դաշնակութիւն, հեռաւոր հրիտակները իր նախնիքներուն։ Զա՛րդը [163] իր տունին ու Աստծոյ տունին մէջ։ Գիտէք իր եկեղեցին։ Բայց չէք գիտեր իր հիւրասրահը, որ համբաւ է նետած մինչեւ կուսակալանիստ քաղաքը։ Գեղերու մէջ թուրքերուն գոնագ ները քարեղէն, փեթակախուց կառոյցներ էին եւ ուրիշ քիչ բան։ Կառուցուած ու կահաւորուած հաճի աղային իսկ ձեռքով, հիւրասրահը համադրութիւնն էր անոր ընդունակութեանց եւ ցեղին ցուցմունքներուն։ Ակնայ մէկ բեկոր այս գեղին մէջ, գուցէ Ակնայ ամիրաներուն պերճանքը ծանր գար հայերէն առաջ անապատ այս վայրերուն։ Լերան մը գագաթէն նայուածքը պիտի ճանչնայ շատ բան երկու ցեղերուն տուրքերէն։ Ու անիկա ճարած է անոր փայլին համար օձին եղջի՛ւրը նոյնիսկ, չըսելու համար ժողովուրդին պէս` օձին լեղին։ Արեւելքի փոքր իշխաններուն վաղանցուկ բոլոր շքեղութիւնը, որ կ՚ելեւէջէ յանկարծ փայլող պէյերուն, փաշաներուն, մա՛նաւանդ եպարքոսներուն բախտին համեմատ եւ կը մարի այնքան տարօրինակ արագութեամբ։ Պոլսէն է, որ ձեռք է ձգած թանկ, երբեմն թանկէն շատ անգին կտորներ... ։ Ու ասոնց վրայ` նրբութի՜ւն, որով սուլթանուհիները կրկնաւորեցին իրենց գեղեցկութիւնը եւ օրին մէկը ղրկուեցան դահիճին փաթթուած իրենց բեհեզին` ինչպէս մեղքին մէջ։ Ու ճոխութի՜ւն, որ կը յորդի Սուլթանին կնիքը կրող իշխանաւորին պալատներէն եւ քմայքի մը գնով կը շեղի` գալ թափելու համար ծոցը ուրիշներու, անո՛նց` որ որսի շուներուն [164] նման շղթայակապ կը հետեւին սատրազամ ին ու կը լզեն թռցուած գլուխներէ արիւնը իրենց բարերարներուն։ Ու ձոյլ ոսկի, Երուսաղէմէն բերուած նկարներուն շրջանակը զարդարող, օձի, եղջերուի, շան ու աղուէսի մանրանկարներով։ Ու ադամանդ, առատ ու հեշտայարոյց, լուցանելով կիներուն մազը, հեղուկ լոյսի մը պէս ծփծփալով խոպոպներն ի վար, ուր կը դրուի անիկա ծամակալի, սանտրի, համայիլ ի վրայով։ Ու կարկեհան, զմրուխտ ու յակինթ` սուրերու երախակալին սառած ու գունաւէտ, կաթիլ-կաթիլ այրելով պատկերի մը յատակէն։ Ու մարգրի՛տ, որուն ողկոյզները թաւշեայ եւ բեհեզեայ պաստառներու ծոցերն ու ծոպերը կ՚ընդելուզեն ու կը կախուին ճիտէն այլանդակ, հինաւուրց Մարիամներու, ով գիտէ ո՛ր ասպետին կնոջ ձեռքովը ասեղնուած, ու գերի տարուած բարբարոս սնտուկներու [165] ։ Այս թանկագին իրեղէնները գուցէ կու գան շատ հին դարերէ, մեզմէ եւ յոյներէն, ու դարեր թրքուհիներուն սպասազարդ ծառայելէ յետոյ փախած են դուրս արիւնոտ ձեռքերէ ափափուած, կրելով բախտը իրենց անդրագոյն տիրուհիներուն։ Կողոպուտի, արիւնի, խորունկ դժբախտութիւններու յաճախանք մը` այս ամէնը, բայց անհրաժեշտ` հաճի Արթինին մտախոհութեանց։ Գոց էր սրահը գիշեր ու ցերեկ։ Հոն կը մտնէր անիկա` Պոլիս երթալէ առաջ ու գալէն ետքը։ Գոց գիտէր ամէն մէկ առարկայի վրայ թափուած հարիւրաւոր քարերուն անուններն ու տեսակները։ Իր հարստութեան առաջին մեծ ծորակը քարերու այս գիտութիւնը եղաւ, որ տաղանդի կը նմանի։ Հոն կ՚ընդունէր պէտքին համեմատ` սրբագրելով պատերուն պերճանքը, կուսակալները եւ աւագ պաշտօնակալները, որոնք, իրենց այգեկութքին համար գաւառները այցի ելած ատեն` չէին մոռնար խելացի եւ ազդեցիկ կեավուր [166] Արթինը, անշուշտ պատկառելով անոր կռնակէն, որ Պոլիս [167] էր։ Օր մը առաջ կուսակալ փաշային դահիճները կը փութացնէին կարճահասակ եւ ցախի պէս նրբասրուն մու[նե]տիկները [168], որոնք ձիերու նման վարժ էին վազելու եւ չյոգնելու։ Անոնց կը հետեւէին հսկայ մարդեր, գազանատեսիլ, որոնք գեղին մէջ կը պտտցնէին ահաւոր իրենց պեխերը, կարմիր վարտիքները եւ արնակալ խոշոր աչուըները, իրենց մէկ ձեռքին բուռի մը չափ խոշոր սաթէ ծխամորճը, եւ միւսին` բարտիի [169] կտորի մը նման երկու կանգուննոց դանակը, որ մէկ հարուածով գլուխը կը թռցնէր վզակոթէն, եւ զոր սովորական պատանին չէր կրնար զատել գետնէն կամ պատեանէն։ Հաճի կեավուր ը զանոնք կը տեղաւորէր իր պալատին բացառիկ մէկ սրահը, կը վազէր ընդառաջ, կ՚անցնէր մեծաշռինդ կարաւաններուն գլուխը, գեղ առաջնորդող բոլոր մուտքերուն դիմաւոր հեծեալներ բարեւի կեցուցած։ Իւրաքանչիւր խումբ իր առջեւէն կը քշէր նուէր ուղտը ` ժանեկազարդ եւ ոսկեբարձ... ։ Կու գար փաշան, կը պառկէր ըստ պատշաճի աղքատացած հիւրասրահին մէջ, կ՚աղօթէր թանկագին գորգի մը վրայ, որ առտուն կը փոխադրուէր կուսակալի ձիուն քամակին։ Իրմէն առաջ կը մեկնէր նոյն մունետիկը, յայտարարելէ յետոյ փաշային գոհունակութիւնը հաւատարիմ ժողովուրդէն` ինչպէս խելացի հաճի Արթինէն, որ միշտ ներկայացուցիչը կը մնար պետութեան աչ[ք]ին [170] ։ Ժողովուրդը կը խառնշտկէր նկուղին ոսկիները, անոնց հոտը գտած ըլլալու միամտութեամբ մունետիկին բարբառին մէջ։ Տալու եւ առնելու այս ճարտարութիւնը նկարագիրի մաս կը կազմէ։ Շատ տալով չէ, որ մեծ գործ կը տեսնեն, կ՚ըսէ ժողովուրդը։ Ու հոն կ՚ընդունէր նորէն միւսները, Աստուծոյ եօթը ղազէպ ները, կուսակալէն տասը անգամ մեծերը, Պոլսէն առաքուած կտրուկ ու զարհուրելի քննիչները, որոնք քաղաքէն դուրս վրան կը զարնեն, Պոլսէն բերած իրենց հացը կ՚ուտեն եւ գեղերուն ջուրը միայն կը խմեն, որպէսզի դատեն` առանց ազդուելու ոսկիէն ու կնիկէն։ Որոնք իրենց կախաղանները թափօրի կը դնեն քաղաքի փողոցներէն եւ կախուած պէյերն ու փաշաները ժամերով կը պտտցնեն։ Որոնք եօթը կանգուննոց ձողերու ծայրէն գլուխները կը ճօճեն եւ արդար-մեղաւորի սրտին հովանք, թեթեւութիւն կը բաշխեն, պատուհասելով բռնաւորը, անիրաւը, վաշխառուն եւ կաշառակերը։ Անոնց ընդ առաջ [171] կը սողար, մոխրակոծ ու խոնարհ, մէկ ձեռքին աղ, միւսին ալ գունդ մը հաց, կը համբուրէր անոնց ձիերուն ծածկոյթը եւ կը մնար գետնամած, չշարժելով իր դիրքէն, երբ կենդանիին սմբակը հարուածէր իր թեւը։ Նուիրումի, հաւատարմութեան, անկեղծութեա՜ն այս ցոյցը կը տպաւորէր իշխանաւորը, որ, Պոլսէն գրաւուած` հաճի Արթինին պաշտպաններէն, Պրուսայէն մեկնած ատենը հարիւրով թուղթ գրպանած, բոլորն ալ կեավուրին գլուխը պահանջող, հրաման կ՚ընէր վերցնել գետնէն այդ հողին կտորը, փոշի՜ն։ Տիւա՜ն ։ Այսինքն` ատեա՛ն։ Կ՚առաջնորդէր զանոնք արագօրէն մերկ պատի եւ պարզ տախտակի վերածուած սրահը։ Ու կու գային քահանաներն ու մոլլաները, մուխթարներն ու դրացի գեղերուն մեծարիւն պէյերը, կը խօսէին քննիչի ն ու ձիւնէն աւելի ճերմակ կը հանէին անոր ճակատը։ Ոխացողները զգոյշ եղան ներկայանալու այս տիւաններուն, խրատուած զարհուրելի դասէն, զոր քննիչները կու տային ամբաստանիչներուն, վասնզի Պոլիսէն քաշուած ականջները փաստ կ՚ուզէին եւ փաստերը կը ջրէին ըստ իրենց հաճոյքին։ Ան այս տիւանէն յետոյ, կ՚ըսեն, կ՚իջնէր գիշերանց եօթնականգուն նկուղը ու գրիւ-գրիւ կը կրէր ոսկին ձիերու հապիկա ներուն [172], թեթեւ մըն ալ մեղրոտելով բոլորին թաթիկները։ Քննիչները կը հեռանային գեղէն շղթայակապ տարագրումի կամ կախումի ֆերման ները վազցնելով մօտակայ գիւղերու եւ քաղաքիկներու ամբաստանուած բռնակալներուն, պաշտօնեաներուն, քիչ մը էւել հարուստներուն։ Քանի՜ անգամներ, իր գլուխը ազատելէն ետքը, անիկա իր տունը պահած է զինքը ամբաստանող թուրք պէյերը եւ շեղեցուցած անոնց վրայէն անողոք ցասումը Աստուծմէ ղրկուածին, այսինքն` հոգէառին։ Անոր օրով, գեղը ազատ եղաւ հարկահան ջոկատներէն, որոնք քրիստոնեայ գերութեան ամէնէն նուաստ ու տխուր պատկերները յօրինած են աղքատիկ գեղերու մէջ։ Մե՜ղք, որ այս դրուագները ռոմանթիզմ ով միայն տրուեցան մեր գրական պահեստին։ Բայց անոր յիշատակը լոյսով կ՚ողողուի ամէն անգամ, որ խօսքի նիւթ դառնայ անագորոյն, մահէն ալ դաժան տեսարանը։ Ուր, հարիւրաւոր ենիչէրի ի՜նչ զարմանալի է երբեմն բառերուն ճակատագիրը։ Ո՞վ պիտի մտաբերէր այդ ոգումին տակ տեսնել արարածը, որ դնդեր ու ոսկոր է միայն։ Որուն բաց թեւերուն դանակն ու չուանը կը թրթռան ու աչքերուն մէջ դժոխք մը կ՚այրի։ Որ կը մօտենայ ու կեանքը կը մարէ հեքիաթին աժտահարին ու դեւին նման իրենց սուրերը ամբարձիգ [173] կը մտնէին ժամ, կը զատէին հարսներն ու մանչերը ու կը տանէին իրենց վրաններուն տակ։ Մայրե՜ր, թող կապուէին ձեր արգանդները ու չտեսնէիք այդ օրը։ Անիկա դրամին ուժով գնչու տղաքներ ճարած է այդ հորդաներուն եւ հաճեցուցած անոնց մեծաւորը։ Ասոնց փճացումէն յետոյ` անիկա շատ քիչ զոհ է տուած միւս արշաւախումբին, որ թիարանին համար տարապարհակ աշխատողներ կը գերէր հայ գեղերէն եւ կը նետէր Պոլիս, արգանդին մէջ կայսերական նաւարաններուն, ուր անոնք կը փտէին աղտին ու ոջիլին մէջ, մահմետական իսկ ըլլալու անարժան` իրենց վիրալից մարմիններով։ Գեղը մոռցած է, թերեւս խելացի զիջումով, անարդար արարքներ, ընդարձակ, բայց ապշեցուցիչ ընդարձակութեամբ, բռնագրաւումներ, որոնք, անհասկնալի ըլլալնուն` չեն զետեղուիր մարդկային դատումներու աստիճանատախտակին. սանկ-նանկ, սահմաններու զիկզակումէ բխող զրկումներ. գողութիւն, որ նկարագիր է երբեմն ուտող եւ չկշտացողին. իւրացում, վարչական խողովակով, որ կամացուկ մը որբին կալուածները, երկու սուտ վկայով, իր անունին կ՚արձանագրէ եւ թափու կը ստանայ. բռնի սեպհականացում, երբ յամառ տիրոջ մը կամքը կարելի չ՚ըլլար հաճեցնել այս բոլորէն բան չէ փակած անոր անունին։ Ու աւելի՛ն. կառավարութեան մեղսակցութեամբ, նոր օրերու բառով մը` մատնութեամբ, այդ օրերուն հրապարակաւ [174] թուրքին ուժովը, անիկա չէ մտած արիւնը իր ազգակիցներուն, տարագրելով, դաւաճան ցոյց տալով, գողերու պաշտպան ներկայելով իր անձնական թշնամիները [175] ոչ թէ չունենալուն, այլ անոնցմէ վեր ըլլալուն, - երեւոյթներ, որոնք օրէնքի պէս անխուսափելին կը կանխեն ու կը պաշտպանեն այս կարգի անակնկալ ամբարձումները։ Գեղը կը ծանրանայ անոր բարոյական դիմագծութեան շատ մը կողմերուն։ Ժամասիրութիւն, որ ահազանգի կը վերածուի տաղաւարներուն եւ զօրաշարժի պէս աղմկոտ բան մը կը պտտցնէ տուներու դուռներուն, բոլոր ոչ-անկարները, այսինքն` ոտքն ու ձեռքը բռնողը, անկողին չգամուողը թափելով եկեղեցի, մեծ պաշտամունքին։ Ու կը սիրեն իր ձայնը, կախարդ իսկութի՜ւն, որ կը զեղուի իր իսկ եկեղեցիին մէջ, խոր, հա՜յ, դարաւոր, տարփագին ու թշուառ տիրացուի շապիկին մէջէն, որ կը կոկէ իր ոսկեհուռ կտաւովը անոր մարդկեղէն ցցունքները մարմինէն եւ կը վերածէ խորհրդանշանի, թափելով քաղցրութիւն, սարսուռ, խռովք ու երկնայնութիւն մեծ գետակի մը նման, ամէնքը ողողելով ու ամէնքը լացնելով։ Ու արուեստագէտի նանրամտութիւն թէ հաւատքի խթանում` ան կը բռնանայ։ Պատգամ է անոր ճոկանը, զոր ժամկոչները կը պտտցնեն փողոցներուն մէջ, կոչնակի նման, հրաւիրելով հաւատացեալները «ի սուրբ եկեղեցի»։ Իր ժամուն հանդէպ անոր գուրգուրանքը կ՚անցնի մարդկայինին [176] սահմանը, վերածուելու համար դժուար ըմբռնելի բանի մը, տեսակ մը սրբազան զայրոյթի, կատաղութեան։ Ամէն Պոլսէն դարձին` երկու ուղտ պիտի մտնէ բակէն ներս [177] ժամուն ու պիտի պարպէ անոր իւղագինը տաճարին դրան։ Ան իր ուսերովը, բոպիկ, պիտի կրէ ծանրածանր գորգերը, կանթեղները, բեհեզները սեղանին առջեւ, պիտի համբուրէ ոսկեդրուագ խաչը կեդրոնի քարին ու պիտի դառնայ պալատը։ Անոր դրամովը գնուած ամբողջ նախիր մը եղջերաւորներու լման տարին կը պտտի գեղին բոլոր արօտները, մշակելի` բայց հնձուած հողերը, բերքէն պարպուած պարտէզները դուք դիւրին մի՛ գտնէք այս արձակութիւնը։ Գեղացին իր հողին վրայ իր ոտքն անգամ շատ կը տեսնէ եւ կը խնայէ իր մարմինին բեռը, փափուկ ու ուռեցուոր պահելու համար անոր սուրբ, անսպառ ստինքները, նոյնիսկ բերքերէն ետքը բացարձակ ու անարգել, զարդարուն ու նախշուն, մատաղ իյնալու համար Սուրբ Հրեշտակապետին օրը, տօ՛նը ժամուն, գեղին ու հօրը անունին։ Այս խրախճանութիւններուն աղօտ արձագանգը հասած էր մինչեւ իմ մանկութիւնը։ Իր դարուն` անոնք հաւասարելի էին թուրքերու թլփատութեանց հանդիսանքին, բայց մայրաքաղաքէն [178] ։ Եօթը օր եօթը գիշեր տեւող հարսնիքները հիմա հեքիաթին անցած են ու քմծիծաղ կ՚ազդեն մեզի, երբ անոնք տառացի իրողութիւններ եղած են անցեալին։ Ո՛չ միայն գեղը, այլ [179] դրացի թուրք գեղերն իսկ իրենց մասնակցութիւնը կ՚առնեն տրուածէն։ Արդար, մեղաւոր, հարուստ ու աղքատ կը լիանան ու կը յղփանան։ Այնքան առատ է միսը, որ վայրի գազաններուն իսկ բաժին կը զատուի։ Գթութի՛ւն։ Ան կը հասնի չունեցողին, կը փնտռէ զայն իր միջոցներով, կ՚ազատէ նեղէ ու տար ժամէ [180] ։ Անոր պալատին շրջափակին մէջ զատ բաժին կայ յարդարուած ղարիպներուն, ճամբորդներուն, ուխտով եկողներուն, որոնք հոն կը գտնեն մշտապատրաստ սեղան իրենց անօթի փորին եւ առատ խար ու դարման իրենց անասուններուն։ Կու տայ` առանց գրաւի, փո՛խ, ուզողին, կ՚առնէ տուածին կէսը, քառորդը, շատ անգամ ստուերը, բայց չէ լսուած կարծր բառ պարտականին երեսին։ Բոլոր այրիներուն ու ասոնց անտիրական որբերուն կնքահայրն է անիկա, ո՛չ` պոլսական իմաստով անշուշտ, այլ անոնց տարեկան չուխան եւ մայրերուն զոյգ մը կօշիկ հայթայթելու մտահոգութեամբ։ Կու տայ չուզողին ալ, երբ անոր օգուտը իյնայ իր ճամբուն։ Համեստութի՛ւն։ Ան կը խօսի ծերին ու անդամալոյծին, արհամարհուածին ու հեգնուածին հետ, հաւասար ու ժպտուն, խոնարհ ու յուսադիր։ Կը լսէ բոլոր գանգատները, որքան ալ անհիմն ըլլան անոնք։ Հիւանդները կ՚ընդունին զինքը իրենց մահուան մահիճներուն։ Ու մահտարաժամի ատեն, անվախ ու ոգեւորիչ` ան կը բարձրանայ վարակուածներուն անկողինը մինչեւ։ Կը թաղէ ժանտախտահար դիակները, ու շաբաթներով իր տունէն պատրաստ սեղան կը մեկնի դէպի այն տուները, որոնցմէ դագաղ մը դուրս է ելած։ Ասոնք, թէեւ հեքիաթով հով առած, դրուագներ են, որոնք անոր դէմքը կը մօտեցնեն հին-հին պատմութեանց հերոսներուն։ Իմ օրերուս այս գիծերը զատ-զատ [181], բայց աղօտ կերպով կարելի էր հաստատել քանի մը հինաւուրց մարդերու [182] վրայ։ Բայց այսպէս համադրուագ` աւելի վերջն ալ չգտայ Պոլսէն Եգիպտոս, ուր մեր ցեղը մեծ զաւակներ ստեղծած է սակայն։ Հրապարակային ոչ մէկ անէծք, որ կառչած մնար անոր գլխուն, չվախնար ու չյոգնէր անոր մահէն ու ծառացած, տարածուէր` գալու համար մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս եղած է պարագան ուրիշներու։ Գեղացին մինչեւ այսօր չէ մոռցած բանադրումը ուրիշ տունի մը, որուն տէրը, ամբարիշտ, հաճիին Պոլիս եղած մէկ տարին, յանդգնած է իր սրբապիղծ ոտքերով անցնիլ դաս, քաշել տէրտէրը դուրս ու կախակայե՜լ։ Անիկա անիծուած է շրջանին եպիսկոպոսէն եւ տունուտեղը ջուր է կտրած, իր յիշատակին դասը անկորուստ ձգելով բոլոր ընչեղներուն, արհամարհողներուն, աստուածամոռացներուն։ Ըսի՞, թէ կը մնար անոր անունը անպարտ եւ անմասն այն անլուր աղտեղութենէն, որով պարուրուած էր անոր սերունդին ճիւղաւորումը, առեղծուածի մը նման, մտալլկումի մատնելով բանգէտն ու միամիտը ու մօրուք օրել տալով ծերերուն, որոնց տղայութիւնը ոռոգուած էր փառքովը հաճի Արթինին։ Գեղը մոռցա՞ծ է, դիտումնաւոր յապաւումով, թէ իրերու բնական բերումով` մեղքերը, որոնք յաճախադէպ են եւ անխուսափելի այսքան ընդարձակ ծիրով բազուկներու համար եւ որոնք կը հակադրուին, շրջանին արիւնռուշտ ճաշակներէն եւ անհուն ախորժակներէն, երբ մարդ իր սահմանը իր զէնքովը կը չափէ։ Աւանդութիւնը անոր կոկորդը կ՚ընէ ժուժկալ, մանուկի մը չափ։ Ու չի մօտեցներ խմիչք անոր շրթունքին մինչեւ աչքերը գոցելը աշխարհքին, շեշտելով այսպէս ոսկի ծանրութիւնը անոր առաքինութեանց, ազատելով անոր յաջողութիւնները, թուրքերու հետ վարուելակերպը, համն ու խելքը օղիին շոգէն ու քմայքէն։ Գիտնալու էք, որ առիւծին կաթէն ալ զօրաւոր կ՚ընէ անգոյն հեղուկը, երբ կը տարածուի մեր ջիղերն ի վար։ Շատ մը քաջութիւններ, անակնկալ մեծագործութիւններ ի գլուխ են ելած գինիով տիկ եղածներէ։ Աւանդութիւնը անոր կու տայ վէզիրներու վայել մառան մը, ուր երկաթ շրջանակներով ամրապինդ տակառներ, յատկապէս պատրաստուած իր ձեռքերով, հալած ոսկիի նման թունդ, զգլխիչ կ՚ընծայեն Նոյի հեղուկը։ Այս յուռութքով անիկա շեղեցուցած է գեղին վրայէն կործանարար զայրոյթներ ու շահած բարեգործ համակրութիւններ։ Նոյն աղբիւրը, համառօտ իրապաշտութեամբ մը, կը ներկայէ անոր անկողինը զերծ` ըսուելիք ու չըսուելիք մեղքերէ: [183] Միահեծան ու անդիմադրելի` անիկա հաւատարիմ է եղած իր իսկ պատիւին ու ոսկիի պէս մաքուր է դուրս եկած այն ցանկագրգիռ տեսարաններէն, որոնք փաշաներու, պէյերու, պոլսական ամիրաներու սարքած խրախճանութիւնները ի հանդէս կը բերեն։ Կը խնայէ անոր` արատները, անկումները, երբեմն ապականութիւնները, որոնք մեր միւս իշխանաւորներուն  --ամիրա կամ պէյ, ճարտարապետ կամ փողերանոցապետ-- յիշատակը, Պոլիս թէ Եգիպտոս, ցեխէ պսակի մը պէս կը շրջանակեն, պոռնիկներու գայթակղութիւնը` սեպհական տունէն ներս, ուր տանտիկինը ստիպուած է գերին դառնալու օտարամուտին, եթէ չ՚ուզեր ճաթիլ. անպատկառ, անաստուած այդ պատուհասումը, զոր կը գործադրէ գազանաբարոյ ամուսին մը գառնուկ ու նահատակ կնոջ մը գլխուն. մանչերու գործածութի՛ւնը ` հրապարակային` ամուրի կամ ամուսնացած բարբարոսի մը կողմէն, զանոնք մատաղատի որդեգրելու, ընչաւորելու եւ մազ ու մօրուքով տարիքին իսկ դեռ իր տռիփին շղթայուած պահելու լրբութիւնը. մանկահասակ աղջիկներու բռնաբարում, սեպհական զաւկին կնոջը հետ բռնի անկողին, մեղքեր` այնքա՛ն յաճախադէպ այդ կիրքի եւ արիւնի յորդ հերոսներէն, ու անոնց ընչեղ արարքներուն մատեանէն, որոնք կը խոցեն այդ մարդերուն այնքան առատ, մեծ, յորձանուտ առաքինութիւնները եւ գօս կ՚ընեն գեղեցկութիւնը անոնց հոգիներուն։ Իրաւունք ունի՞ աւանդութիւնը։ Կենսագրողը իրաւունքը ունի սակայն այս հարցումին, տրուած ըլլալով սեռային անլուր մաղաղկումը, որ յետոյ յայտնուեցաւ անոր արիւնին վրայ։ Պէտք է փնտռել հաճի Արթինին թոռներուն մէջ սերմին սառումը հետահայեաց [184] աչքերով։ Բայց աւանդութիւնը եթէ անմասն է սեռային մարզէն, անդունդ մը ցատկելու համար (ոչ մէկ փաստ կը յիշուի այդ ուղղութեամբ), ստոյգ ալ է, որ կ՚անգիտանայ մեծ ոճիրը, որ Նալպանտենց հաճի Արթինին պալատէն է փրթած։ Ճիշդ է, որ ասիկա չիջաւ հանրութեան ու յայտնուեցաւ յետ մահու` անոր որդիներէն մէկուն։ Բայց այդ մասին աւելի ուշ։ Մինչեւ իր մահը` ան անկորուստ պահպանեց իր հմայքին ամբողջ կշիռը։ Չվախցաւ թուրքերէն, որոնք քրիստոնեաներէն  --ռուսերէն ու յոյներէն--  իրենց կերած ծեծին փոխվրէժը կը ջանային հանել հայերէն։ Չունեցաւ համար ու հաշիւ։ Առաւ, տուաւ, միշտ խօսքով ու ատեց թուղթերը ու անոնց վստահուած պատիւը։ Իր մահէն ամիս մը առաջ` անիկա չորրորդ անգամ Երուսաղէմէն դարձին, աներեւոյթ, այսինքն` խորհրդանշական հանդէսը ըրաւ հարսնիքի մը, աճապարող ու անժամանակ, երբ կրնար սպասել մէկ տարի եւ իրականը տօնել իր մէկ զաւկին։ Թափեց իր բարիքները, աղբիւրի պէս, իր դուռներէն։ Եօթը օր անոր ձիթարաններէն հնձաններն ու գուբերը իւղ բաշխեցին բոլորին։ Ով որ սափոր մը բերաւ, զայն լեցուն շալկած տարաւ տուն։ Եօթն օր անոր մատաղները կշտացուցին բոլոր փորերը։ «Թագաւորի ուժ», ինչպէս կը դիտէ հեքիաթը։ Ու ոչ ոք հասկցաւ ինչո՛ւն։ Զայն տեսան այդ օրերուն քիչ մը տրտում, աւելի բարի, աւելի լուռ։ Վերջին Կիրակին, հակառակ սովորութեան, անիկա հագաւ շապիկ։ Պարզ այդ Կիրակիին համար, որ լուր օրուան մը պէս կ՚անցնի գեղին վրայէն` անիկա կարգադրեց հսկայական հոգեհանգիստ։ Ինչու՞։ Ինքն ալ չէր գիտեր։ Ըսուեցաւ, որ տեսիլք է եկեր աչքերուն։ Զարդարեց ժամը Զատկուան մեռելոցին բոլոր շքեղանքովը։ Ու երգեց Որ յանէից ը, այնքա՜ն սրտառուչ, այնքա՜ն անդիմադրելի, որ բոլոր ժողովուրդը դողդողալ առաւ։ «Գլխուն գալիք կայ», ըսաւ ծեր մը, արցունքը դանդաղ սրբելով իր ափին։ Պատարագէն ետքը անիկա թափօրը առաջնորդեց դուրս, եկեղեցիին հարաւի բակը, ուր աշտանակ մը` լման ոսկի, եօթը թեւերով, բոլորն ալ ընդելուզուած իր սրահին ամէնէն թանկ զարդը, որ այսպէս կը դառնար ժամուն իր վերջին նուէրը–, լուցուած [185] կը սպասէր։ Տէրտէրը կարդաց Աւետարանը։ Յետոյ` ինք շապիկը հանած, պարզ մարդու իր հագուածքովը երբեք իր կռնակին չտեսան մուշտակ կամ սուղ չուխա մէկիկ-մէկիկ մարեց մոմերը եօթնաստեղեան աշտանակին, հանեց արցունքոտ խաչը եւ նշան [186] ըրաւ։ Թափօրը շտկուեցաւ գերեզման։ Գեղը տեղէն թնդաց ու վազեց սիրական վայրը։ Հոն, համատարած ու հսկայական հոգեհանգիստ կատարել տուաւ, բոլոր մեծ ու պզտիկ, արդար-մեղաւոր ննջեցեալներուն հոգուն։ Գերեզմաննոցին զոյգ սօսիները իրենց ճիւղերէն կախուած կանթեղներով, իրենց բուներուն շուրջը շարուած մարդահասակ մոմերով անջնջելի պատկեր մը ստեղծեցին։ Ու քահանաներով ու տիրացուներով շրջապատուած` անիկա ծունկի եկաւ անծանօթ մեռելի մը քարին, խոնարհ, կուրծքը ծեծելով ու լալահառաչ։ Տէրտէրը չկրցաւ յիշել, թէ ո՛վ էր թաղուած անոր տակը, ոչ ալ` ուրիշներ։ Այն օրհնութենէն յետոյ, անիկա գերեզմաննոցէն դուրս սպասող ձիէ մը բերել տուաւ պայուսակ մը, պարպեց հանգիստի քարին անոր պարունակութիւնը ոսկի՛ ու կտակ ըրաւ. եօթը տարի, եօթը գեղէ աղքատներուն բաշխել զայն։ Տուն դարձին, կողէն վար ցաւով մը մտաւ անկողին։ Քուն։ Արթնցաւ քրտինքով։ Կանչեց տղաքն ու աղջիկները մահիճին շուրջ, ծառաներն ու հին աշխատաւորները։ Ու խօսեցաւ, երկար, հանդարտ։ Արդարութեան, հալալ վաստակին գովքն ու ծարաւը երբեմն կը գունաւորեն անոր բառերը։ Կը շեշտէ, այդ խաղաղութեան մէջ զգալի ուժգնութեամբ մը, մարդոց մարդկային տկարութիւնները։ Կը ցուցադրէ փառքին, բոլոր փառքերուն սպասող վախճանը, ափ մը աղտահար փոշի, որ կը բուսցնէ մեր որդնահար մեղքերը մեր աղուոր, առողջ, անկործան սեպուած մարմիններէն։ Ու կը խօսի անոնց տեսիլքէն, որ կը սկսի։ Խաղաղ ու լայն ու գեղեցիկ է անոր հոգեւարքին [187] անկողինը խորհա՞ծ էք ձերինին, դուք, որ կը կարդաք այս տողերը։ Բայց աւելի գեղեցիկ` ինքը` պառկողը, լման, հազիւ քիչ մը դեղին, ցերեկուան քունի մը մտած ըսելդ կու գայ։ Բայց տարտամ անձուկ մը անոր աչքերէն կը պատրաստէ քուներուն մեծը։ Հազիւ անորոշ ստուերում մը, տեսարանումին վրայ, անհասկնալի ու արագ, որ շուտով կը լուծուի արարուածին ընդհանուր ոլորտին մէջ։ Մնացեալը` լոյս է եւ ժպիտ։ Արքայութիւն եւ հրեշտակներ։ Ան կ՚աւանդէ հոգին` առանց ցաւի ու առանց լացի։ Անոր աչքերը կը գոցուին կնկանը մատներով ու կը գոցուի, ըսես, նոյն այդ մատներով, բախտը Նալպանտենց տունին։ Տակաւին անոր գերեզմանին վրայ հողը չչորցած` անոր հարստութիւնը հեքիաթին կը պատկանէր արդէն, կարծես անոր հետ գերեզման մտած ըլլար։ Ու եղաւ ատիկա, անակնկալ, անլուր ճամբաներով։ Անոր ողջուցը, ոչ ոք մարդկային արարած համարձակած էր անկէ ոչինչ ուզելու։ Բայց ահա, մահուան յաջորդ շաբթուն երեւան եկաւ կարաւանը ագռաւներուն։ Պոլսէն, Պրուսայէն, Իզնիկէն ու Նոր քաղաքէն ու Նաւահանգիստէն բուսան անոնք, մարդեր, թուրք, հայ, յոյն, քուրտ [188] նոյնիսկ, մէյ-մէկ թուղթ ձեռքերնին, բանակ մըն ալ վկայ իրենց առջեւէն։ Յօշոտումը սկիզբ առաւ կառավարութենէն, որ տուրքին անունով անիկա անփոփոխելի կապալառուն էր տէրութեան հարկերուն կնքեց անոր կալուածներուն դուռները եւ գրաւուած հռչակեց անոնց պարունակութիւնը մինչեւ հաշիւներուն քննութիւնը։ Ու մէջտեղ եկան մեծ տետրակները ու փաթթոցաւոր քեաթիպները։ Անոնք երկու օրուան մէջ աւարտեցին իրենց գործը եւ յաջորդ օրն իսկ կառավարութիւնը անհուն բացի մը մեծադղորդ հռչակումովը գրաւեց ու ծախեց անոր շարժուն կալուածները, ամէնէն առաջ անոր նախիրը, որ հազարէ աւելի գլուխ կը համրէր։ Ու գրեթէ ձրի բաշխեց իր մարդերուն, շրջանի թուրք աղաներուն` երամակը անոր ընտրազգի մտրուկներուն, որոնք մինչեւ կայսերական ախոռները տարած էին անոր անունը։ Մտաւ պալատէն ալ ներս, առանց ձեւակերպութեան, ինչպէս էր օրէնքը այն օրերուն բոլոր ինկողներուն համար, օրինաւոր թէ բռնամահ, գրաւեց ու ծախեց, տեղին վրայ, ինչ որ գտաւ գորգեղէն, պղնձեղէն, մետաքսեղէն եւ արծաթեղէն։ Ամբողջ գազա ն` ծախու առնելու բաւող այդ հարստութիւնը ժողովրդական ամէն չափազանցութիւն կը մեկնի հասկնալի պատճառներէ այսպէս գնահատուած, անբաւական եղաւ պետական տուրքը փակելու։ Կրեցին ձրի եւ առանց գիրի ինչպէս պիտի ըլլար 70-80 տարի յետոյ պատկերը մեր ժողովուրդին ամբողջ գոյքերուն կաղ էշերն ու հսկայ ջորիները, շրջանի գեղերէն, դէպի կեդրոն։ Ու կառավարութիւնը ձեռքը երկարեց նաեւ գիւղէն դուրս ուրիշ հասութաբեր կալուածներու, աճուրդի հանեց եւ փոխանցեց զանոնք իր անդամներուն անուան, ամենացած գիներով։ Ի՛նչ որ անոր կնոջը սուր բնազդը չէր յաջողած ծածկել ադամանդէն ու ոսկիէն, ոսկեդրուագ նկարներէն եւ զարդեղէններէն, գնաց չորս հովերուն։ Ու այս ամէնը այնքան արագ, որքան չէր եղած ինքը մահը։ Ոչ մէկ բողոք, ընդդիմութիւն, ձեռնարկ` կասեցնելու այս քայքայումը։ Ամբողջ քառսուն տարի գեղին տեղը ան էր մտածած այդ բաներուն վրայ, ու հիմա չկար։ Անոր տղաքը, լուծի վարժ, բռնակալ ու ամենազօր իրենց հօր սարսափին մէջ հոգեպէս կրացած, ճռզած, աղէտին անկարող ու ապշահար հանդիսատեսները [189] միայն եղան։ Մնաց որ, այս յանկարծահաս փճացումը, ինչպէս ամբարձումները, այդ օրերու բարքերուն անբաժան վերջաբանները կը նկատուին։ Կու գայ ուրակա՜նը... ու շէն գեղէն խլեակ ու փոշի միայն կը գտնես։ Ու մարդիկ վարժուած են այս ամէնը բառնալու [190] վիզին անտես այն Նախախնամութեան, որ իր հաշիւները պարտաւոր չէ ոչ ոքի հրապարակելու եւ կ՚առնէ–կը քալէ։ Փառք տան թող Նալպանտենց տղաքը, եթէ կարենան իրենց գլուխները ողջ հանել Աստուծոյ պատուհասէն։ Կողոպուտի նոյն ծարաւը չխնայեց անոր գեղերէ դուրս ոչ-կարեւոր կալուածներուն անգամ։ Գրաւուեցան բաղնիքները յանուն գեղերուն, որոնք տոմարներով պահանջ ստեղծեցին։ Բաղնիքին վրայ աղիւս մը դնողը` պատի մը իրաւունքը տուաւ իրեն։ Նոյն բախտով զարնուեցան ձիթհանները եւ, մա՛նաւանդ` լիճին երկու եզրերուն վրայ գեղեցկօրէն ծաղկող, բարգաւաճ անոր ագարակները։ Ու անոր ահէն վարատական ու տարիներով հայ գիւղին մէջ ոտք չկոխած փոքր աղաները, բոլորն ալ անոր փառքին դաւադիրներ, բայց անկարող ու խեղճ, ներկայացան, համարձակ, առիւծ կտրած, դուռը անոր պալատին, սպառնագին պահանջելով առասպելական գումարներ, իբր թէ փոխ տրուած, ու ցոյց տուին անոր ստորագրութիւնը թուղթերու տակ, որոնք Գուրան էն փրցուած էջերու կը նմանէին աւելի, քան թէ մուրհակի։ Ու թաթառը ուրիշ անուն անյարմար պիտի գար զգետնեց այդ մեծադղորդ փառքը ու փոշի ըրաւ զայն։ Ընդհանուր այս յարձակողականին զուգընթաց, հաճի Արթինին պալատը խախտեցաւ իր իսկ ընդերքէն։ Ան երեւան բերաւ աւելի տխուր փաստեր։ Հերիք չէր, որ անոր հետ գերեզման կ՚իջնէր մահմետական բռնութեան դէմ ազդու պահպանակ մը, անաչառութիւնը, օտարի՛ն, մա՛նաւանդ թուրքին, ոստիկանին, պզտիկ բռնաւորին վրայ երկիւղ ձգելու գաղտնիքը, ու այնքան իրաւացի պանծացուած «աստուածային» խելքը եւ պատկառանքը հայ-քրիստոնեային։ Ասպարէզ թափեցան, անոր սերունդին վրայով, ժխտական յատկութիւններ, բոլորն ալ հասարակ մոլութիւններ, որոնք իրենց հօրը ահէն ծրարուած կը մնային անոնց ներսը ու հիմա կը նետուէին կրկէս, ճնշումէն քառապատկուած սաստկութեամբ մը խռովելով գեղին սուգն ու խղճմտանքը։ Հարուստի ամէն մեռել բնութեան մեծ պատահարի մը նման կը ցնցէ գեղացիները։ Կը գոցուի դպրոցը ու տղաքը տուն կը դառնան իրենց գիրքերուն տոպրակը գլուխնուն վրայ բարձրացուցած։ Կը թափին ժամ մեծն ու պզտիկը ու դագաղին մէջ երկնցողին հետ կ՚ունենան աչքի այն դառն փոխանակութիւնը, որ ամբողջ կեանք մը կ՚արժէ երբեմն։ Այս է պատճառը, որ գոնէ շաբաթով կը դադրին մեծ խրախճանութիւնները եւ կռիւները։ Դադարի տեսակ մը, զոր ամուր աւանդամոլութեամբ կը պահպանէ գեղացին։ Ուստի` մեծ եղաւ անոր զարմանքը, երբ տակաւին աքողքի [191] շաբթուն տեսաւ հաճի աղային տղաքը, կարգուկները` ինչպէս նշանածները, իրարու դէմ լարուած, զինուած։ Մինչեւ այդ ատեն գեղին կեանքէն անմասն այդ մարդերը, որոնք կոչնակին հետ ժամ, ժամէն շիտակ տուն կը դառնային ու չէին կրնար մոլորիլ դէպի սրճարան, ջնջուած իրենց դերէն` անցան հակադիր երեսին։ Իրենց հօրը համբաւը կը ծանրացնէր անոնց դէմքը, ծիծաղելի ընելու աստիճան։ Անոնք իրենց ոչնչութենէն դուրս եկան հսկայ ու կռուազան բնազդներով ու սկիզբը դրին միջ-գերդաստանեան այն ահաւոր ատելութեան, որ ժառանգական ախտի մը նման վարակեց անոր բոլոր անդամները` անցնելով մա՛նաւանդ կիներուն։ Որ զանոնք մինչեւ ոճիր առաջնորդող կիրքով մը իրարու դէմ հիւսելէ յետոյ, անոնց հոգին ալ առաւ սաստկագոյն չարիքի մը թաթին տակ։ Անոնց մէջ մշակեց բացառիկ ու խորարմատ նախանձ իրարու ունեցածին. հող, տուն, դրամ ու, մա՛նաւանդ` կին ու զաւակ ։ Ներէ ներ ու աղբարէ աղբար` անոնց վրէժխնդրութիւնը երեւան բերաւ անասելի փոքրութիւններ ու դուռ բացաւ արիւնոտ ծեծկըւուքի, անդամատող վիրաւորումի, կիներուն մէջ` վիժումի, ու ծերերուն մօտ` յանկարծահաս մահուան։ Որ փճացուց, դատի ու կաշառքի մէջ, ինչ որ պալատին անայց նկուղները ազատած էին ուրականին ժանիքէն, ու կիներուն ծոցը` պատսպարած անոր մատներէն։ Եւ որ այս պատմութեան տրամը հեռազդող, պատրաստող խոշորագոյն զսպանակն է գուցէ։ Դեռ առաջին իսկ Կիրակմուտքին, մեռնողին հոգուն համար պաշտօնական ճաշը եղաւ տեսակ մը գինեսեղան։ Հաւաքուած էր գեղին բոլոր առաջաւոր մասը ու խորտակուած` հետեւեր գիշերային աղօթքին։ Հակազդելու համար` առաջարկուած գինին կատղեցուց անոնց տարիներէ իվեր զսպուած, յետս մղուած անասնութիւնը ու անոնք, առանց ամչնալու տէրտէրներէն, մօտաւոր գեղերու սգակիր այցուորներէն, բացին առաջին արարուածը հսկայ եղերերգութեան, որ պիտի տարածուէր կէս դարու տեւողութեան մը վրայ։ Այդ սեղանէն սկսած, ուր անոնց գաւաթները իրար կոտրեցին առաջին անգամ, տարիներ շարունակ անոնք իրարու գլխու պիտի կործէին, ապականութեան, հայհոյութեան, գազանական վայրագութեան հեղեղի մը մէջ ոչ թէ գաւաթները, այլ տակառները իրենց մեղքերուն, ինչպէս ըսէր պիտի գեղին իմաստութիւնը աւելի ուշ։ Այս կռիւները, այսպէս տխուր արարողութեան մը ընդմէջէն բուսած, կը զատուէին բացառիկ լրբութեամբ մը գեղին համով միւս ընդհարումներէն, կիներու պարունակէն, առանց մեծ հետեւանքներու, ուր աղտը չորնալ գիտէր, երբ թափէր մէկու մը վրայ։ Ի՛նչ ալ լաւ մտիկ ըրած էին հոգեւարքի [192] պատգամները, կը հեգնէր գեղացին, երբ կ՚ելլէր պալատին դուռէն։ Ո՞ւր հասակ առած էին այս մոլութիւնները, կը հարցնէին անոնք իրարու, ցոյց տալով վանդակի պէս խիստ վարագոյրները պալատին, որոնք դուրսէն ծածկած էին ներսին բորբոսն ու շարաւանքը, եւ մէջտեղ դնելով սուրբ, խլուրդ, անկնճիռ կենցաղը հաճի Արթինին զաւկըներուն, կը զարմանային Աստըծոյ բանին։ Ո՞ր մեղքին համար հաճին կը յօշոտուէր այսպէս իր իսկ զաւկըներուն ատամներովը։ Ամիս մը բաւ եղաւ` որպէսզի հետախաղաղ [193] կորսուին գեղեցկութիւնը, անունին ահն ու պատկառանքը, բարիքին կշիռը ու իր բոլոր արարմունքները։ Եւ սակայն եթէ հովը տարած էր շատ բան, կը մնար եկեղեցին։ Մենք, զառիթափերուն, անխնայ գլորողներ եղանք ու ինկած մարդուն ետեւէն աքացին չխնայեցինք։ Քառսունքը հազիւ աւարտած` Նալպանտենց պատկառելի պալատը բաժան-բաժան կոտորակուեցաւ` յարմարելու համար տղոցը թիւին։ Ի՛նչ հեշտութեամբ անոնք բզկտեցին թեւերուն խաղաղ ու զուսպ փայլը ու տախտակորմերուն գռեհիկ թերթերը շարեցին ընդարձակ սրահներուն վրայ։ Ու անասելի բան է խոր տգեղութիւնը, դաժան նախանձայուզութիւնը բաժինքի տեսարանին։ Որուն կարելի չէր հանդիպիլ նոյնիսկ գնչուներու վրանին տակ, իրարու ունեցածին հանդէպ իրենց բծախնդրութեամբը այնքան հռչակաւոր, փոքրիկ սալը մէջտեղէն ճեղքելու աստիճան։ Բայց ի՛նչ որ տխուր է աւելի քան դէպքը, անոր կրկնութիւնն է ամէն մեռելի։ Գեղը սորվեցաւ այս մարդերէն յամառ ու աննահանջ այն աներեսութիւնը, որով անոնք, այսինքն` տանտէրերը կը սպասէին, հրապարակաւ, գաղտնի, առանց ամչնալու կամ վախնալու` իրարու սատկիլը, որպէսզի կանգունը մէկ կողմ, մկրատը աջին, գրիւին վրայ նստած ու խանթարին [194] կամ տիրհէմին հետ խաղալով` ժառանգորդները պղծէին մեռնելուն իսկ խաղաղութիւնը եւ կրելով մեռնողին տունէն, ինչ որ իրենց բաժինն էր, հայհոյէին ուրախ ու կռէին գանկին [195]   հանգուցեալին։ «Պայտերը քակել»ը անոնք ընդհանրացուցին եւ ոճ է այսօր։ Կ՚ակնարկէր գնչուներուն, որոնք իրենց սատկած էշերուն պայտերը չքակած` չէին կրնար հանգչիլ։ Ամէն մեռելի` գեղը թունդ պիտի ելլէր այս կռիւներէն ու տեսարաններէն։ Ու ամէն տղայ յամառեցաւ իր հայրը ապրիլ, այսինքն` անոր կեանքին ամէն դիւր [196] եւ դուրս երեսը ձին ու որսը, մեծածախս խնջոյքներն [197] ու ընդունելութիւնները։ Ու ամէն տղայ դրօշակի մը պէս, որ կը ծածկէ որդնոտած դիակը, կը փաթթուէր անունին մէջ հաճի Արթինին։ Անոնք մտքերնուն չանցուցին տառապիլ այն պակասով, որ զիրենք մղոններով հեռու կը բռնէր հանճարեղ իշխանէն։ Անոր խելքը, ճարտարութիւնը, միջոցներու առատութիւնը, քաղցրութիւնը, մա՛նաւանդ կախարդ լեզուն, որով օձերը կը հանէր իրենց ծակերէն եւ առիւծները կատուի նման խօսք մռելու կը կանչէր, տղոցը մօտ կը փոխարինուէին պանդոյր կոշտութեամբ, որ կերած ու չքաքած [198] մարդերու երեսը կը յօրինէ, ամբարիշտ ծիծաղով մը, ինքնիրեն ձգուած անասունի մը զռինչին նման բարձր, խիստ ու վիրաւորիչ. ու անտանելի, սպաննող բարձրամտութեամբ։ «Փոքր լեռները ես ստեղծեցի» ըսողներուն նայուածքը գիտէ՞ք։ Գիտէ՞ք մանաւանդ չտես, անարժան մարդոց նանրապարծութիւնը, որ դիրքը, դրամը, կինը, պաշտօնը կը զետեղեն մեր յօնքերուն եւ մենք նայելու տեղ կը հրէշանանք։ Ընդոծին այս թերութիւնները թող գործեն։ Բայց ահա աւելին։ Այսինքն` կիներ, բոլորն ալ պոռնիկ, որոնք իրենց էրիկները խաղցուցած, հարեմէն դուրս նետուած աս ու ան դաւին պատճառով, իրենց մարմինը, այսինքն` անոր ապրելի մասը, կը սպառէին քաղաքին մէջ եւ թառամելու մօտիկ, տարիքէն, ճերմակ մազերէն հալածական, կ՚ամրանային գեղերը ու ատենի մը համար ալ` նախճիր կը ձգէին երիտասարդներուն մէջ։ Հրապարակային այս խառնակումները համիտեան մոլեռանդութեամբ դեռ չէին թունաւորուած։ Թէեւ հայ տղաքը, խճուղիէն առաջ, առիթ չունեցան անոնց հետ շփուելու։ Բայց մեծահարուստները, իրենց կալուածներուն տնտեսումին համար, ծանօթութիւնն ու համը առած էին թուրք այդ վայելքներուն։ Այդ գեղերուն մէջ է, որ տեղի կ՚ունենային, լերան մը զով ապաստանին մէջ, այն հռչակաւոր խենէշանքները, որոնք իրապաշտ վիպասան մը հաճոյքէ գինով պիտի ընէին։ Հոդ խաղցող կիներն են, որ, դրամի սիրոյն, սանկ ու նանկ տիտղոսներով, վար դրուեցան գեղին ներքեւ անգրաւ մնացած ագարակին մէջ ու անոր սեպհականատէրերը, որոնք, ճիշդ պալատին նման, ձողիկ-ձողիկ բաժնած էին հսկայ կառոյցը, ապրեցուցին զեխութեան ու անհոգ սպառումի սանձակոծ վայելքներուն մէջ, այնքան թա՜նկ աշխարհի բոլոր ժառանգորդներուն։ Իրենց կինե՞րը։ Չարաչար խոշտանգուեցան ագարակին բակը, սագերու եւ ուլերու աղմուկին մէջ, իրենց էրիկներէն ու դարձուեցան գեղ, անիծելով եօթը պորտը` հորթլամիշ [199] ըլլալիք հաճի Արթինին։ Ու անոնք, որ գեղէն վար դէպի լճափ իջած էին, յոխորտ ու ամբարհաւաճ, թռցնելու [200] պուկը «անաստուած քածերուն», փակուեցան տարիներով, իրենց աղջիկներուն պատիւովը մաղաղկուն։ Կիները խորապէս խոցելի են իրենց տունին ամօթովը։ Աւանդութիւնը հաճի Արթինին նկուղեան պահեստէն իւրաքանչիւր եղբօր բաժին էր հաներ ոսկի` երկերկու գրիւ, ու արծաթ` տասնական։ Անշուշտ չափողը ինք չէ, բայց իրողութիւն է, որ հալեցաւ մետաղը, կակուղիկ-կակուղիկ, հոսելու եւ օծելու համար ծոցը այդ պոռնիկներուն։ Ու ամէն աղբար գրեթէ ըրաւ դասական արշաւները դէպի Պրուսա ու դէպի Պոլիս։ Ատոնց յիշատակը դեռ պահողներ կը ցուցուէին ծերերու շարքէն։ Հագուած, իզմիտեան [201] էֆէ ներուն նման, Նալպանտ օղլուն կը քշէր երիվարը քաղաք, ուղղակի բոզանոցները։ Կը վարձէր տուն մը, իր բոլոր սենեակները։ Իր ձիուն հոտն առնող դատարկաշրջիկները կը բոլորէին անոր մեծ անձնաւորութիւնը, կը հագնէին անոր դրամով նոր զգեստ, նոյն կարէն, կը թափէին պոռնիկները առջեւնին ու բաց դանակներով ու բաց կուրծքերով, չըսելու համար կիսամերկ` անոնք պարի կը հանէին բոլոր այդ թշուառական արարածները։ Քաղաքէն բաժնուած անոնց թաղը բեմ կը դառնար անասելի տեսարաններու։ Երկու օր, գիշեր-ցերեկ, ջուրին եզերքը, թէ տանիքի տակ` Նալպանտ օղլուին ոսկին կը հոսէր, մինչեւ որ պայուսակը, պատմական հապիկան քաշէր ջուրը։ Յետոյ` գեղ կը դարձուէր անիկա նոյն այդ կնիկներէն, ծեծուած, խայտառակ, վիրաւոր ու գարշ։ Այս ծախքին խազնա (գանձ) կը դիմանա՞յ։ Մնաց որ, մահուան յաջորդող տարիներուն, անոնք մատերնին մոխիրը չթաթխեցին [202] ու երբ քաղաքը չէին խենէշանքի, մնացին պղերգ ու գինով իրենց տուները, պահակը ըլլալով իրենց կիներուն ու, աւելի ճիշդը` ժողովուրդին ըսածին նման անոնց թուզերուն կամ թութերուն [203] ։ Իրողութիւն է, որ աւազակները լերան, թէ տունի կիսնորդը եղան անոնց դրամին, ինչպէս բերքերուն։ Միայն ու միայն ընդունակ վայելքի, անոնք հետզհետէ անկարող եղան դոյզն վաստակի։ Այսպէս վարժուած, անոնք ծախել տուին պապենական կալուածները։ Մէկիկ-մէկիկ բաժնուեցան անոնցմէ գեղեցկագոյն արտերը լճափին` սկսելով ագարակին շրջանակէն։ Ու բլուրի մը ամբողջ կուրծքը կանանչ զրահի մը պէս պահպանող մարզին է՛ն բարեբեր ու գեղատեսիլ ձիթաստանը անցաւ օտարներուն։ Ու կէս մը բռնի, կէս մը կաշառք, ինչ որ տակաւին կը մնար անշարժ գոյքերէն, թողուեցան թուրքերուն, որոնք արագութեամբ տաճկցուցին այդ կեավուր ապրանքները։ Ժամանակը շատ մանրամասնութիւն ու դրուագներ չէ սեւեռած այս կործանումէն, գուցէ նման գտնելով զայն ընդհանուր պատկերին, որ պարտաւորիչ է մեծ հարստութեանց համար։ Տղաքը պիտի փճացնեն ինչ որ իրենց հայրերը շահեցան։ Ու այս ամէնը կրկնապատիկ լայնքով` թուրքերու գիծէն, քաղաքական տրամին լոյսովը... ։

 

Ստոյգը ան է, որ հաճի աղային տղաքը, մեծ մասով, իրենց տղոցը հարսնիքը ըրին հայրենի պալատէն դուրս, հոս ու հոն ճարուած տնակներու տակ պարտկելով իրենց աղքատութիւնը, ինչպէս գոռոզութիւնը, հսկայ՝ բայց կորակոր անունը, որ անոնց առջեւ կը բանար դուռները բոլոր հարուստ աղջիկներուն։ Ընտանիքէն շառաւիղի մը վերընձիւղումը, աւելի ճիշդ՝ կանանչ մնալը, մեծագոյն ազդակն էր այս հմայքին։ Մինչեւ վերջին ատենները, այսինքն՝ երբ այլեւս մսավաճառը ետ կը դարձնէր [204] զանոնք առանց միսի, գեղացին չէր համոզուած տակաւին այս անլուր տապալումին։ Կը պատմէր նախանձով պահծու ադամանդները անոնց կիներուն, օրինակը առնելով Նալպանտենց հաճի Սառայէն, որ տարիներ ետքը հաճի Արթինին նորոգուած հիւրասենեակին վերադարձուցած էր հին համբաւէն բաւական մը բան։ Պատերը ողողուած էին հնօրեայ զարդերով, բոլորն ալ ոսկեզանգ ու կրակի պէս սուղ. այս ցուցադրանքը արդիւնք էր Նալպանտենց ներքին խմորումին։ Իր ներուըտանքը ճաթեցնելու համար հաճի Սառան փողոցի ուլունքներն անգամ թանկագին քարերու տեղ, գիշերը գաղտուկ, կը հանգուցէր իր վառերուն եւ շղարշներուն, ճարտարութեամբ պարտկելով անոնց ապակի պարզութիւնը։ Այսպէս է, որ անոնց տղաքը հայրերնուն բերին քանի մը տարուան լայնք։ Հաճի Արթինի ամէն տղայ շփուելով հաստ, միջակ, տոկուն, քսակը կոխուած գիւղացիի մը, պահ մը կը սանձուէր իր ախորժակներուն մէջ եւ ինքզինքը կը գտնէր։ Բայց ի՛նչ կ՚արժէ հաշուըւած ժամանակը, երբ մեղքը գիրն է մեր ճակտին։ Ու ի՞նչ կ՚արժէ, ի՞նչ կը դիմանայ չափուած ստակը, թէկուզ գրիւով ոսկի ըլլայ անիկա։ Կ՚անցնէր երկու տարին։ Ու ջուրը կը դառնար իր հունին, ինչպէս ջաղացը՝ պապենական իր պարին։ Գեղացին նախ խշխշաց` ափ ի բերան հետեւելով այս ընկղմումին, չհաւատալով իր իսկ աչքերուն։ Բայց պատուհասին երկարաձգումը, վաւերագրումը խրատեցին իր հաստ գլուխը։ Ու ան օրինաւորեց Աստուծոյ կամքն ու դատաստանը` այս քայքայումին մէջ տեսնելով դասը, որ կը տրուէր իր աչքերուն, իբր փառաւոր օրինակ մը մարդկային կաւին, կտաւին ու անոր կարելի արժէքին։ Եպիսկոպոս մը ժամուն բեմէն հաճի Արթինին ստուերէն առանց վախնալու յիշեց, թէեւ քողարկուած, Պաղտասար արքան, անոր խնջոյքները [205], պատին մատը եւ «չափուած», «պակաս գտնուած» մեծատուններուն սարսռազդեցիկ կորանքը։ Ու վերացաւ փիլիսոփայական պատգամներու, մօտեցնելով հրեաներու Մատեանին տպաւորիչ պատմումը ժամանակակից շիջումներուն։ Համով կը խօսէր այդ գեղացի եպիսկոպոսը եւ ունէր իրեն հետ համամտութիւնը ժամուորին։ Նալպանտենց կործանումին մէջ, իրենց անձնական բաժինէն դուրս, մուտք ունեցան նաեւ ուրիշ ազդակներ։ Բնութիւնն ալ չուշացաւ իր զայրոյթը խառնելու տեսարանին, թերեւս սրդողած հեղգութեան քանակէն, որ կը դիզուէր այս մարդոց հետքին։ Զարնուեցան անոնց ձիթաստանները, ձիւնէն խանձուելով, վրայէ վրայ, քանի մը տարի, ու կարօտ ձգեցին իրենց տէրերը իւղին ու պտուղին։ Գերագոյն զրկա՜նքը անոնց, որոնց մանկութիւնը լոգցած էր ձէթով։ Իրաւն ան էր, աճուրդը [206], ստուար մասը ծախելով ձիթաստաններուն, անոնց ձեռքը թողուցած էր միայն բացադիր ու ձիւնէն –Ողիմպոսի լեռնակոյտ ձիւնէն, որ մինչեւ Յունիս երկինքը ձիւնէ զանգուածի մը պէս կը ձեւաւորէ եւ օրերով հեռու արտերուն ու տունկերուն իր ճերմակ կրակը կը ցոլարձակէ– անպատսպար ծառաստանները միայն, որոնք ամառէն յետոյ կը գտնեն իրենց տերեւները, կը փայլին, բայց ստերջ կովերու նման հորթ չեն ունենար։ Ու ջուր կտրեցան անոնց շերամները, դեղնելու տեղ, խոզակի ցախին տակ անհոգ էրիկներու ծուլութեան զոհուելով։ Սատկեցան անոնց կովերը, անշուշտ նման միւս կովերուն համաճարակը տասը տարին անգամ մը անպատճառ կ՚այցելէ–, բայց պատուհասումի սպասող, քանի որ վարժուած գեղացին մեծցուց անոնց սատակները։ Ու այս ամէնէն անդին, կործանեցաւ ու կորաւ հետախաղաղ, երկու ժամուան մէջ, հսկայական ապարանքը, Աստուծոյ կրակով, ինչպէս կը յամառէր հաւատալ մինչեւ իսկ կոյր հօրքուրս, իրականին մէջ, անզգոյշ տղու մը ձեռքէն։ Գեղը լուսաւորուեցաւ, մթնշաղէն առաջ, անմոռանալի այդ կրակէն, որուն երախը անհուն ախորժակով մը լզեց ու սրբեց անոր իւղաներկ ու շքեղ յարկերը, հազիւ խնայելով պատմական հիւրասենեակը, զոր ազատեց զայրացած գեղացին, նետուելով կրակին մէջ, կտոր մը բան գոնէ ձգելու համար գեղին ու ժամուն հին տիրոջմէն, ժմնելիք տղոց իբր օրինակ։ Այդ հիւրասենեակն է, որ յետոյ պիտի վերածուի այս պատմութեան օճախով սենեակին, մեզի ծանօթ արդէն իսկ մուտքին։ Օրերով ծխացին գերանները, նման հսկայ կերոններու, բռնուա՛ծ՝ միջոցին վրայ։ Մայրերը իրենց օրնի տղաքը առած եկան ու տեսան ու փորձը ըրին տղոցն ալ ցոյց տալու անկարելի պատահարը։ Մինչեւ իսկ վարի գեղերէն, թուրքեր, խաղ ու խնդուն, աչքով ստուգելու համար աւերածը, այցի ելան Նալպանտենց սուգին։ Ցա՞ւ։ Արգահատա՞նք։ Հայ ու թուրք վախցան խնդալ ու լալէ։ Կը վախնային Աստուծոյ ճամբաներէն, որոնք զարտուղի են այնքան։ Ու հարցո՜ւմը կրկին, ո՞ր մեղքին համար։ Բայց մեր մեղքերը խեղճ են մենէ աւելի, մա՛նաւանդ յիմար, մա՛նաւանդ ծածուկ։ Ծովուն տակ ճճին գուցէ դիւրին ըլլայ հաշուի ձգել, քան մեղքին որդերը մարդոց սրտին մէջ։ Քառսուն փողրակ աղբիւրին նման անսպառ հոսող այս հարստութեան այս ձեւով փճացումը ոչինչով զգաստացուց Նալպանտենց տղաքը, որոնք շարունակեցին իրար առաւել ատել, առածի կարգ անցած սաստկութիւնը քառապատկելով իրենց ոխերուն, տեսակ մը քէն ասիկա, անլուծելի, անհաշտ, չնմանող գեղին է՛ն արիւնազանգ ոխերուն, որոնք կակուղնալ ունին, սա անցաւոր աշխարհի ամէն բաներուն նման, ու հոգէառին իսկ նիզակին տակ կռնակ դարձուցին իրարու հոգեւարքին [207] ։ Կալուածներէն յետոյ եկած էր կարգը կիներու զարդեղէններուն։ Հալեցան անոնց գլուխէն ոսկեհիւս թագերը, որոնք հաճի Արթինին կենդանի նուէրներն էին իր հարսներուն, ծանր, հաստ, աղէտէ մը ետք տուն մը կանգ[ն]ելու [208] չափ ուժ պարունակող։ Ու հալեցան անոնց ճիտերէն օխանոց շարանները ոսկիներուն, օժիտը ճարելու համար կարգուող աղջիկներուն, երբեմն պարտքը, տուրքը, գինեպանը լռեցնելու։ Ու հալեցան կրկին, լճին ափերէն, նմոյշի համար յօրինուած ու «դրախտ» որակուած ծաղկաստաններն ու պարտէզները, որոնք անոնց հօրը փառքը կ՚արձանէին թուրքերու աչքին, Նիկիոյ ափունքը փոխադրելով գեղեցկութիւնը, քմայքը, դալկութիւնը, զմրուխտն ու ոսկին վոսփորեան մրգաստաններուն, որոնց մէջ տրուած էր մուտք ունենալ խելացի հաճի Արթինին, ներկայանալով սատրազամին անոր եալը ներուն մէջ, առնելու համար հրովարտակը իր եկեղեցիին կառուցման։ Ու կրակին մատաղ գնաց ծովափի գեղեցկագոյն ագարակը, տեսակ մը նմանակերտ պալատ, որ այդ մրգաստաններուն, բուրաստաններուն կեդրոնին կանգուն՝ լիճին ամբողջ շրջանակէն, ութ ժամ

հեռուներէն, ճերմակ իր ցայտքը կը դնէր մուգ կանաչ խորքին ու բաց կապոյտ երկինքին մէջտեղ։ Ըսին, թէ թուրքերուն մատը բերաւ կրակը։ Իրողութիւն էր, որ անոր տիրացումին համար ծովափնեայ երկու թուրք գեղեր դատի ինկան, երբ այլեւս հայերուն խօսքը իրենց գեղէն դուրս լսուիլ չէր կրնար, եւ զոր ազատեց անիրաւ այդ ոտքէն նահանգին սրբազանը, կուսակալին մօտ բարեկամ ու դիւանագէտ։ Ու կեանքը քալեց։ Ու նեղցան տարիները։ Գեղին աճումը հացը ըրաւ աւելի դժուարագիւտ։ Թուրքերը կը մտնէին իրենց գաղթային քաղաքականութեանը մէջ եւ հայ գեղերուն սահմաններուն վրայ, բռնագրաւելով արօտներ, մէրա [209] տարածութիւններ, կը հաստատէին Ռուսիայէն գաղթական բարբարոս ցեղերը։ Արդէն անբաւական, հո՛ղը դարձաւ անգտանելի, տուներուն եւ շունչին աճումին դիմաց պակսելով անդադար։ Առնուեցան լեռնամասեր, գեղին ատաղձի անտառները, տրուելու համար գաղթականներուն։ Առնուեցան դարաւոր արտերը, որոնց տուրքը մինչեւ տարագրութիւն վճարողը մենք եղանք, թուրք արդարութեան գեղեցիկ մէկ վճիռովը։ Քաղաքներէն թափանցում ըրին նորանոր պէտքեր։ Սրճարա՛ն։ Խանո՛ւթ։ Ճամբու ամէն անցքերուն ու ամէն աղբիւրի մօտիկ։ Հին, հօրենական հարուստ տուներէն դուրս, միւսները, այսինքն՝ ամբողջ նոր մասը գեղին, ինկաւ [210] նեղութեան։ Ու դժուար էր վաստակը նոյնիսկ անոնց համար, որոնք իրենց մօրը փորին մէջ իսկ պիտի սկսէին հողին տագնապը, ու դուրս ելլելէ վերջ ալ, հազիւ հինգ տարի մանուկ մնալով, պիտի նետուէին հողին ընդերքին, մինչեւ ծերութիւն ու մինչեւ մահ, ու տան հանգիստը ճանչնային պիտի, երբ մեռնելու համար երկարէին անկողին։ Տուն մը տղա՛յ։ Ու գիտցէք, որ պէտքին անողոք ու հապշտապ բռունցքը չի թողուր երբեք օձիքը այս մարդերուն, եւ անոնք ցամաք հացին ահաւոր, անհաս[ան]ելի [211] խորհուրդէն գերուած, առանց ճանչնալու ուրիշ բան, պիտի քաշուին այս աշխարհէն, հողին տակն ալ անօթի մնալու սարսափով։ Անոնք աղքատ ծնած ու աղքատ մեռածներ, չեն նմանիր միւսներուն, որոնց գլխուն փորձանք մը, սովորաբար անժամանակ մահը կը խանգարէ դասական կարգը եւ երէկուան կուշտերը այսօր անօթի կը ձգէ։ Թռա՛ւ, անոնց ու բոլորին բառովը՝ պէրէքէթ ը արտերուն, մեր մեղքերուն շատութեանը, ինչպէս մեծութեանը երեսէն։ Քմահաճ դարձան այգիներն անգամ, չարքաշ սակայն ու դիւրահաղորդ, հետեւելով ձիթենիներուն օրինակին, շեղելով Աստուծմէ գծուած օրէնքներէն։ Ու տեղի ունեցաւ անլուր պատուհասը, մէկ տեսակ պտուղի, բերքի կապուած տնտեսութեանց համար իր կործանիչ արդիւնքովը։ Տարիներ, երկու-երեք, առանց զարնուելու ձիւնէն, իրենց փթթումին բոլոր շքեղութեանը մէջ, հասակ ճօճեցին գեղավարս ծառերը, առանց հատիկին մութ մանիշակ ընդելուզումին, որ անոնց տերեւներուն փոքրադիր դաշոյնները կը հագուեցնէր քաղցր, բարի մշուշով, աշնան առտուներուն, եւ արեւին հետ արցունքն ու սփոփանքը կ՚ըլլար վարը, իրենց արմատին վատնուած աշխատանքին։ Գեղ մի ըսէք ու անցնիք։ Անիկա տարիներ սանդուխ չիջեցուց դէպի ձիթաստանները։ Ու տարիներ անոնց գուբերը մնացին չոր, ու տապակները՝ առանց ճզզոցի։ Տղաք ծնան առանց ոսկորի ու կաթը գտան ջուրի պէս անհամ իրենց շրթներուն…։ Ու մարախ…։ Ու պատերազմ։ Ասոնք բառեր են, բայց կը նմանին կծիկներու։ Տարածեցէք լարերը, տարածեցէք իմաստը։ Կծիկը աշխարհ մը երկարութեան պիտի երթայ, բայց պիտի չգտնէ ալքը այն դժբախտութեան, որուն անունը կու տանք սովի մը տարի։ Ու ինկաւ կարօտութիւնը գեղին ու գեղերուն վրայ։ Ու սո՜վը։ Թերեւս իրաւունք ունի մեր մէկ կաթողիկոսը իր ճարտասան ընդլայնումով։ Ան հակառակ չափազանցութեան ստոյգ չի հասնիր տալու, ինչ որ մարդիկը տեսան մեր օրերուն։ Ու սովը խիստ էր, քիչ մըն ալ տաճկըցած։ Նոր հարուստներ, մեծ մասը թուրք, դժկամ կը ծախէին իրենց ցորենը անհաւատներուն։ Նալպանտենց տղաքը ի՜նչ արդար հպարտութեամբ ոգեկոչեցին օրերը, երբ հաճի Արթինին ամբարները, ուրիշ սովի մը տարիներուն, բաց մնացին մօտին ու օտարին, բոշային ու լազին։ Ու տխուր բան էր ականջ երկարել այս մարդոց, կո[կո]կոզած [212] իրենց խեղճուկ սեմերուն վրայ, երբ անօթի, շունչերնին հատած ու աչքէ [213] մարած՝ կ՚որոճային իրենց փառքին փոշիները, կը հայհոյէին անօրէններուն, թլփատուած կամ ոչ, բայց մա՛նաւանդ իրարու, անընդհատ սրելով, անընդհատ աղալով գերդաստանեան ատելութիւնները, ու կը սպասէին իրարու դիակին։ Մեռնող մեռնողի։ Պզտիկ ու հասուկ։ Ու տարինե՜ր։ Անոնք չյոգնեցան սպասելէ մա՛նաւանդ իրենց աղջիկներուն բախտին։ Գեղանի եւ նրբահիւս աղջիկներ, բոլորն ալ մէկ ջուրէ ելած դանակներու պէս սլացիկ, որոնք յօնքերու նմանատիպ թափուածքով ու այտերու կտրուածքովը, կաղապարովը դունչերու՝ ճանաչելի էին հազար օտարի մէջ եւ կը կրկնէին սկզբնատիպ ճարտարապետութեան մը տարօրինակ ձուաձեւերը իրենց միսերէն։ Ու փափուկ էր անոնց մորթը, դեռ չստացած դալկութեան մօտիկ երանգը, բոլորովին ճերմակ, որ աւելի վերջերը այդ մարզերուն բոլոր դէմքերը ըրաւ այնքան տարբեր, որ յայտնուեցաւ կիներուն մորթէն դուրս, մետաքսին ալ, մանարաններու մետաքսին ալ վրայ, բացառաբար բաց, դեղինէն ինկած։ Կիներու երեսին այդ դալկերանգ բանը մարդիկ խորհեցան կապել ժամանակին եւ իր խորհուրդին։ Ոչ ոք մտքէն անցուց 10-20 տարի յետոյ հրապարակ վազող հիւանդութիւնները, արգանդի ճամբաներէն, կապել այդ նուազումին [214] ։ Ու սրտագրաւ էր, հայրենի հողէն նոր փոխադրուած երկու կամ երեք դարը շատ չի կշռեր արիւնին վրայ, երբ ոլորտ, հող հիմնովին չհակասեն մեկնումի գետինը ու տակաւին չայլափոխուած, զաղփաղփուն այն կիսերանգը, որ այդ աղջիկներու այտերուն՝ այցելու, մնայուն, օրուան ժամերուն համեմատ շղարշ փոխող ու թեւաւոր կարմիր կ՚ըլլար, քիչ, բարակցած, դեղձային [215] ու տարօրէն անուշ։ Որ անոնց արտայայտութիւնը, ըսել կ՚ուզեմ՝ քէլքը, առքը, սանկ նայիլն ու ժպտիլը ըրաւ զգլխանք ու խենթութիւն։ Անոնք այդ իսկ ստորոգելիներուն գնով փնտռուեցան խուլ ու խոր մոլուցքներէ ու արթնցուցին հսկայ ցանկութիւններ։ Պատմութիւնը անոնցմէ մէկ-երկուքին շուրջը եղերական դրուագներ ալ կը դնէ։ Այրերու գիծով ժառանգական կնիքը շատ շուտ խանգարուող, կիներու վրայ դիմացկուն է տարօրէն։ Կալի մը մէջ երբ կը պարեն խումբով, դէմքերը կը պատմեն նոյն արիւնէն։ Այսպէս է, որ գերդաստանները կը շինուին տեւողութեան վրայ` կրկնելով, արեւին հանելով ա՛լ շիջած ձեւերը անցնողներուն։ Անոնք կը կրեն հետքը առջի հոսումին, առջի տաղաւարումէն, հօր[մ]էն [216] ՝ երբ ժայթքեցին, մօրմէն՝ երբ վրանի մտան [217] …։ Ամէն փեսայ պահի մը համար խանգարուած անոնց տնտեսութեան մէջ փոքր շրջան մը բերաւ լայնկեկ օրերու։ Նալպանտենց տղաքը տգեղ՝ երբ մսխեցին, շնորհ կը դնէին ուտելու եւ հագուելու մէջ, հիմա՝ որ բարակցած էին։ Ժամուն փողոցին մէջ, հակառակ իրենց աղքատութեանը, Նալպանտենց կիները բարձր կը խօսէին ու կը վայլեցնէին անցեալին հեղմունքը իրենց գիծերէն։ Ու այդ աղջիկներուն հայրերը, իրենց փոխադարձ կռիւներու ընթացքին, զգուշացան դպելէ իրենց աղջիկներուն պատիւին, այսինքն՝ չբամբասեցին։ Ու «լուսի» պէս աղուոր ծնած այդ աղջիկներէն կը ծնէին, հաստ գեղցիի մը տունին մէջ, նոյնքան լուսաւոր ուրիշ աղջիկներ։ Ու աշխատեցաւ մահը՝ իր կարգին, քիչ-քիչ կրելով երէցները, ու վերցնելով մէջտեղէն այդ կոտրած փառքերուն այլապէս եղերական փտութիւնը, ո՜վ անհասելի տխրութիւնը փտած փառքերուն, կոտորա՜ծը՝ որ ծերի ձեւով կը շրջագայի, փայտով, դողդոջ, անօթի, ճուռպոտ, շռան ու տոլկոկով [218] ։ Որ կը հայհոյէ, երբ ձի մը տեսնէ եւ տասը քայլին գետին, սաքու կը նստի [219] ու կը նայի կէս-աչք ու տկար՝ կախուած միսերուն, թուքը կուլ տալով։ Որ բարեւ կու տայ ու կը հաւատայ իր այն զօրութեան, երբ իր խօսքը գետին չէր իյնար ու իր բարեւը երջանկութիւն մը, շնորհ մը կ՚ընդունուէր իր շրջապատէն։ Որ…։ Բայց պէտք է կենալ, ամէն մէկուն հետ փակելով կոյանոց մը մեղք ու դժուար, անպատիւ պատմութիւն։ Ու մահը, օգնուած ժամանակէն ու երկրորդուած [220] ՝ կարօտութենէն, սրբեց-սրբագրեց նեխութիւնը անոնց յիշատակին։ Կեանքը նոր է միշտ ու մեր մտքի ջաղացքին անդադար նոր ցորեն ունի նետելիք։ Ու կեանքը, գործածելով նոյն ազդակները, վերածեց անոնց ժառանգորդները գեղին միջին տիպարին, ընթացիկ ու խեղճ։ Որ պիտի աշխատի, չարաչար ու անյոյս ու հասնի պիտի ցամաք իր հացին. ոչ աւելի ոչ պակաս։ Ժմնեցին նոր անուններ, ո՛չ անշուշտ լայնքովը Նալպանտենց տոհմին։ Կառուցուեցան կրկնայարկ, մինչեւ իսկ եռայարկ, շատ ընդարձակ բնակարաններ։ Ու եղան, բուսան այսինքն, հաճի աղաներ, զանազան անուններով Արթինն ալ կար անոնց մէջ–, որոնք հագուեցան մուշտակ, ծանրագին, սամոյր, մինչեւ կրունկները ծածկող, որուն օձիքը միայն տարուան մը ապրուստ կ՚արժէր Նալպանտենց տղոց։ Անցուցին անոնք իրենց ոտքերուն կարմիր մուճակներ, ա՛լ աժանցած, առանց վտանգի, փա՛ռք, որուն նախանձովը խանձեցան անցեալին մեծատունները, երբ մահուան գնով իրենց կեավուր ներուն արգիլուած այդ մեծութի՜ւնը, կարմիր մուճակը կը տեսնէին հաճի Արթինին ոտքին։ Կրկնեցին հաճի աղային հսկայ ուխտերը դէպի Երուսաղէմ։ Դպրոցը պարպեցին իրենց կրունկին ու ճամբու դրուեցան Տէր ուղղեայ-ով։ Ընդունուեցան ալ նման փառքերով իրենց վերադարձին` բերելով սակայն իրենց ժամուն իբր նուէր ներկուած արծաթ ու փչուած, ոսկեջուր պղինձ…։ Բայց պէտք է քալել։ Ու գեղը կը մոռնար, գուցէ հիմնովին, [221] յիշատակը իր ժամուն մեծ երախտաւորին, եթէ գերդաստանէն շառաւիղ մը, հրաշքով, ազատած չըլլար երկնային խշումէն։ Ա՛ն՝ որ աղքատիկ կնիկ ունէր բոլոր եղբայրներուն մէջ ու սրտառուչ ձայն։ Որ պատմող տէրտէրին կարծիքն է կու տամ չէր ուշացած կրակին մէջ տեսնելու Աստծոյ մատը եւ հասկնալու անոր սաստն ու իմաստը: [222] Ան հաւատարիմ մնաց հաճի Արթինին յիշատակին, այսինքն՝ խնայեց գեղին երեսին՝ այն տրտմութիւնները, անկումները, խենէշանքն ու աղտերը, որոնք աղբարներուն հետքերէն կը յորդէին։ Առաքինի՞։ Անշուշտ սխալ պիտի ըլլար դասական այդ կաղապարին մէջ զետեղել մարդ մը, որ մանկութեան դուռներէն իսկ շիներ է իրեն ճռզած հոգի։ Որ չար, ատեցող ըլլալու վախնալուն չափ, վախցեր է մա՛նաւանդ լայն, հերարձակ ըլլալէ։ Որ չէ պարած, չէ խմած ոչ թէ կծծի, դաժան ըլլալուն, այլ զուարթ, բացսիրտ, ուրիշներու պէս թեթեւ չըլլալու սիրուն։ Գեղացին «գոմշու քակոր» կ՚որակէ տիպարը, որ շրջապատին ո՛չ շահ ունի, ոչ ալ զէն [223] ։ Չէզոք, նոր բառով մը՝ ներքինի այդ մարդոց շուրջը չ՚ուշանար ծիծաղելին, նոյնիսկ եթէ դրամը զեղու։ Հին գերդաստաններ, դարերու հոլովոյթէ մը վերջ՝ կը յանգին յաճախ այս կիսապուշներուն։ Հոգիին վրայ աճող այս պալարը երբեմն կը ջնջուի սերունդին շրջումովը։ Ամուսնութեան նոր քուրան, պատահած է, որ ծնունդ տայ զօրաւոր մետաղի, ինչպէս ճիշդ է նոյն չափ միւս պատահումն ալ, որուն համեմատ տունը կը չքանայ իր յետին բողբոջին վրայ, այլասերուած, ծաղրանկար ու աղէտ։ Հաճի աղային ութ տղոցմէն ամէնէն անկշիռը, մաշուածը, ոչինչը՝ Աստուծոյ կողմէն կանչուեցաւ օճախը կանգուն պահելու երկնային պարտքին։ Աւելորդ է տալ հոս ամբողջ հոծութիւնը այս ըմբռնումին։ Ներկայ պատմութիւնը այդ զսպանակէն կ՚առնէ իր ցայտքը։ Չեմ զբաղիր այդ «ջնջուած» [224] մարդուն թերութիւններովը, ինչպէս առաքինութիւններովը։ Իր կեանքէն կ՚առնեմ գիծ մը միայն, որ շահ կը բերէ այս պատմութեան։ Ան ձիգբերան, ու վախկոտ դուք վերադիրները կրնաք փոխանակել իբր պատճառի եւ արդիւնքի կշիռ–, ոչ ոքի բացաւ տարօրինակ դէպքը, որ յայտնուեցաւ կրակէն քիչ վերջ, պալատին աւերակներուն վրայ։ Գիշեր մը անիկա արթնցաւ, անօրինակ փսփսումէ մը, որ չեղող [225] աղբիւրէ մը ինչպէս, կար՝ բայց չէր տեսնուեր։ Շփեց աչքերը։ Մութը, ակօս-ակօս, ձայնին ալիքներովը։ Գո՞ղ։ Բայց ի՛նչ կար գողնալիք պալատին տակերը։ Անաղմուկ, բայց շատ խռոված, առանց լուր տալու կնոջը եւ առանց լոյսի, սողաց դուրս ու կեցաւ, ամբողջ լարում ու ականջ, պարտէզի դուռին։ Մօտեցաւ հոսումը ու եղաւ… հայրը ողջ ու իրաւ, փառքի օրերուն լիութեամբն ու կնիքովը։ Սարսափը գամեց զայն դրանը սեմին։ Յաջորդ առտու զայն գտան մարած ու լեզուն կապուած։ Յայտնի էր, թէ զարնուած էր։ Ատանկ դէպքեր յաճախակի են ու կը վերագրուին չարք երու [226] կամքին։ Բերին մեծ բանալիները ժամուն, խզկեցին բերնին։ Աւետարան։ Սեւ խոյէն արիւն։ Սեւ հաւէն լեարդ։ Ծխում ու վանում (այսինքն՝ ոգիները վանող արարմունք)։ Գտան իր դաշտէն հաճի Դաւիթը, որուն համայիլը հրաշք կը գործէր։ Բերին զայն, վասնզի հաճին իր միսին հետ հիւսած էր համայիլին փոկը։ Բերին ատաղձագործ Պետրոսը, իր Վեցհազարեակ ով։ Ու ըրին հանդէս։ Ծերունի Պետրոսը  --երդում ըրած ա՛լ ձեռք չառնելու նշանաւոր ձեռագրին էջերը--  տուաւ տէրտէրին կարդացուելիք գլուխը։ Ու կարդաց տէրտէրը` ակռաներուն մէջ սարսափ ու փորին մէջ խիթ. [227]

 

Բացցին դրունք յաւիտենից եւ մտցէ թագաւոր փառաց

 

ու նուաղեցաւ։ Ատաղձագործին գիրքը ունէր այս ազդմունքները։ Նոյն ատեն աւագերէցը խզկեց [228] անգամ մըն ալ բանալին բերնին։ Երկաթին ցաւէ՞ն [229], տէրտէրին ընթերցումէ՞ն [230], հիւանդը լեզու ելաւ։ Արթնցուցին տէրտէրն ալ։ Բայց շրջապատը ոչինչ իմացաւ։ Խօսեցաւ երկար պատահարին վրայ։ Գուշակեց նոյնիսկ ուրուականին անձնաւորութիւնը, զարնուողին կարգ մը դիմախաղերէն, որոնք զգալի էին հեռուէն նայողի մը, երբ խօսքը դառնար հաճի Արթինին։ Բայց ոչինչ կար յստակ։ Իրականը ա՛ն էր, որ կրակէն յետոյ, տարի մը-երկուք, գրեթէ ամէն գիշեր, կէսէն քիչ առաջ, կու գար նրբամարմին ուրուականը։ Անոր տղան կ՚արթննար ձիերու դոփիւնով մը, որ պալատին սալերուն վրայ երէկուան պատահածի նման կը հնչեցնէր իր կշռոյթը, այնքան ծանօթ, այնքան տեղ բռնած տղոցը հոգիին խորը, զիրենք ծակուծուկ թխմող դոփդոփը, բայց որ կ՚երկարէր, ահաւոր ու սրսփուն, մեռել կ՚ըլլար ու իբրեւ ուրուաձայն կը սառեցնէր արիւնը անոր երակներուն մէջ։ Մինչեւ որ սմբակները լռէին։ Մինչեւ որ արիւնը քալել առնէր։ Ու մինչեւ որ իր սենեակը գիծ ու թանձրութիւն հագնէր։ Կը շփէր կնոջը մարմինը, ապահովուելու համար մատէն։ Ու դուրս կ՚ելլէր ու, մեղմիւ, առանց ետին դառնալու հպատակելով աւանդութեան, որ կը հրահանգէր ուրուականէն դուրս ոչ ոքի նայիլ–, կը կենար իր մարած կէտին։ Փոքր դուռ մը ատիկա, որ պալատին աւերակը կը զատէր տունէն։ Ու ահա մարմին կը դառնար պատկառազդու ուրուականը, ճի՛շդ հիւրասենեակին այն անկիւնէն, ուր հրաշք մը խորտակած էր կրակին մէջքը, աշխարհք մը հով ու փոշի նետած, հրած անոր երախին, թխմած կոկորդը եւ ետ, դէպի պարտէզ տապալած անոր անտես, բայց իրական մարմինը։ Հոն, ուրուականը մէկէն կը փոխուէր իր տարազէն, կը նիհարնար, կ՚երկարէր։ Ու փտած խաւի մը նման կը փրթէին անկէ զգեստին կտորները, լոյծ ու հաստատ նոյն ատեն, փոսփորափայլ պղպջակմամբ մը, որ պաղ էր՝ հակառակ կրակէ ըլլալուն։ Կ՚եղծուէին մարդկայինին սահմանները, բայց անեղծ կը մնար դէմքը։ Ու կը սուզուէր աւերածէն ներս։ Մութ, ձիւթէ մութ, թէ լուսնկայ, շարմաղ լոյս, ձիւն թէ անձրեւ՝ ան անփոփոխ կը պահէր կապտաւուն, կիսերանգ ու գորշի հակած իր պատկերը, անգամ մը, որ մտնէր մէջը իր պալատին։ Հոն կը հագնէր մարդկայինին [231] հոծ ու անհերքելի ճշգրտութիւնը, երեսին ամբողջ տնկուածքովը, յօնքերուն լուսաթել աղեղովը, որ կը թրթռար ու չէր փախչեր, ու ակնափոսերուն անյատակ, անընդգրկելի արձակութեամբը։ Ու անհուն թախիծ, անհուն մարդկեղէն հոսանո՜ւտ, որ կը բաբախէր անոր դէմքին վրայ։ Յետոյ կը նայէր հանդարտ, սիւնաշարքերուն, ոմանք հակած, ոմանք կիսայրեաց ու կանգուն։ Կը նայէր ու չէր նայեր տղուն։ Ու ինչպէս թափանցիկ, ապակի ամանէ մը ներս, անոր գանկէն, որ լուսեղէն գունդ մըն էր այդ պահուն՝ կ՚անցնէին մեր, ողջերուս կարիքները, ցանկութեան ու երազի փոխն ի փոխ վէտվէտումովը, նման ջուրի էակներու, սեւ, աղտոտ, խեղճ, տգեղ, քնքուշ ու որբ, ճիշդ ու ճիշդ մեր փափաքները, սկսելով կէտէն, քալելու, աճելու գունդին պատերուն մէջ չպարփակուելու եւ պատռտելու յարաշարժ ելեւէջով մը։ Մարդերուն գա՜նկը։ Ո՜վ պիտի գտնէ խորադիտակը քու անդունդներդ տեսնելու։… Ան կը դպէր պատերուն ածուխին ու ծեփերուն սեւցած ալիւրին, որ կը թափէր, ինչպէս մարդկային սիրտէ մը՝ ածխատիպ արիւն մը, մաղմաղ ու ջերմ, այրուած ու տրտում, այդ իսկ զգեստին տակ, այդքան անճանաչելի՝ պատմելով, թրթռումի հանելով անհուն ծարաւը այդ հեղուկին, որուն լեզուն մոռցած ենք [232] հիմա եւ զոր կը հասկնան խենթերը գուցէ, երբ՝ ծրարա՛ծ՝ իրենց ուղեղին խորը մեր զգուշութիւններն ու հանգանակները, հաշիւներն ու կեղծաւորանքը, ականջ կը դնեն անոր, սեւ այդ արիւնին յորձանքին ու կ՚ընեն ու կ՚ըլլան, ինչ որ կ՚ուզէ անիկա։ Խօսեցուցէք խենթ մը ու պիտի տեսնէք այդ ակօսը արիւնին, խո՛րը, շատ խորը պառկած բառերու աւերակոյտերուն ու թաղուած ինչ որ մարդոց պաշտօնական իմաստութիւնը դուք հասկցէք՝ շրջուած յիմարութիւնը դիզած է անոր ուրդերուն։ Կը հանէր ոսկեկոթ մտրակը, ադամանդակուռ պատենքէն ինչպէս էր ժամուն պատկերին սուրը Գաբրիէլին–, որ անոր ողջուցը խորհրդանշած էր հեղինակութիւն ու հարստութիւն, որով վարած էր խենթերը եւ խելօքցուցած իմաստունները, կը զարնէր քարերուն, մրկած ու կիսափայլ փայտերուն, ինչպէս պիտի ընէր մարդոց կռնակին, կամ խառնելով մոխիրը։ Բարկացո՞տ։ Խի՞ստ։ Այսինքն այնպէ՞ս՝ ինչպէս որ ապրեր էր անիկա իր տունին մէջ, սարսափի, ապուշ ըսուելու չափ փակ ոլորտի մէջ սեւեռած իր տղաքը, կինը, հարսները։ Որ իր անցքին վրայ, իր պալատին խորշերը մինչեւ ամայութիւն էր ուզեր ու մտրակահարեր անխնայ՝ ո՛վ որ գտած էր չփակուած իր ծակին։ Անշուշտ միայն այն օրերը, երբ հիւր ունէր ընդունելիք։ Ով գիտէ ի՛նչ ահաւոր փորձառութեան մը գինն էր այս կենդանի թաղումը անոր պալատականներուն, այսինքն՝ ընտանիքին։ Ան անյողդողդ արութեամբ մը, երկու վայրկեանէն իսկ պալատին արձակ սրահներուն մէջ ամայութիւն կը ստեղծէր, իր մանր տղաքը, աղջիկները, հարսները փոխադրելով ծառաներուն բաժինը, խորամուխ՝ ընդերկրեայ փորուածքներու բանտին, երբ անակնկալ հիւր մը, մեծ քաղաքէն, ամիրա կամ այլազգ, երեւար դէմէն։ Ոչ ոք համարձակած էր անոր հարցնել պատճառը։ Ու անոր տղան շատ ուշ պիտի հասկնար գաղտնիքը, որ այս կարգերը կը ստեղծէր պալատին մէջ։ Պոլիս ու Պրուսա անոր աչքերը շատ բան տեսած էին թուրքերէն, որոնք տունէ մը ներս մտած ատեննին կը խորհին միայն ու միայն կնիկին ու տղուն։ Կողոպուտը, այսինքն՝ դրամն ու իրեղէնները աւելի ուշ կու գան։ Այդ ժողովուրդին բարքէն այս գիծերը դեռ չեն գուլցած, տրուած ըլլալով վերջին դարուն այն հսկայ առիթները հրապարակային զեղումի, ուր անոնք ամէն անգամ թաթխուեցան իրենց շատ մօտէն վաչկատուն նախնիքներուն արիւնին մէջ ու եղան իրենց պատմութեան մօտիկ վայրենիները, այսինքն՝ մարդեր, առանց կեղծիքի, առանց ջնարակի, բիրտ, մէկ երեսով, սեռով…։ Բարկացո՞տ։ Խի՞ստ։ Բայց աչքերը ա՛լ դարձուցած՝ իր տղուն։ Ու անոր դէմքը կը թուէր տրտմիլ, զայրանալ ու լալ։ Ու անկարելի էր ճշդել այդ պահուն, թէ ո՞րն էր այդ երեքէն, որ կը տիրէր [233] անոր երեսին։ Ու ա՜ն էր, ճիշդ ու ճիշդ Նալպանտենց հաճի Արթինը, զոր տեսեր էր անոր տղան, դեռ պատանի, սա ուրուական դիմակին տակ, երբ իր հայրը, իր փառքի գագաթնակէտին, անցեր էր զգայութեան, յուզումի, բզկտումի սա բիրտ ալիքներէն, ըլլալով դող, ըլլալով խեղճ, բարկաճայթ ու լալահար, քանի որ կու գար ծեծ ուտելէ իր խղճմտանքէն, քիչ առաջ իր ծառաներէն մէկուն տղան, փոքրահասակ ու աղուոր ով որ խմէր անոր ջուրէն եւ ուտէր հացէն, կ՚առնէր անոր մոյնքը–, յանձնելով թուրք շատ բարձրաստիճան պաշտօնատարին, ազատելու համար իր իսկ զաւակը, փոքրահասակ ու աղուոր, գազանին ճիրաններէն։ Այն ատենները թուրքերը դեռ նոր հրաժարած ենիչէրիներուն մանկահաւաքէն, չէին կրնար չերկննալ, քմայքի պահերնուն [234] քրիստոնեայ գիւղերը, զուարճութեան համար սարքելով մռայլ հանդէսը մանուկներու քաղումին, եւ իրենց բանակներուն համար ա՛լ [235] անպէտք այդ արարողութիւնը անոնք կը գործադրէին իրենց թիարաններուն, նաւարաններուն համար ու արտօնութիւնը, ուզածնուն չափ գերի ժողվելու, ի զօրու էր այդ դիմակով։ Ու այդ անհասկնալի պաշտօնակալները, չափազանց բծախնդիր իրենց հաճոյքներուն փոփոխակին, այլազանութեան, հարուստ քրիստոնեայ տուներէ կ՚ընտրէին փոքր ու գեղանի մանչերը ու զանոնք կը քշէին դէպի քաղաք, ուր թշուառ տղեկը ծառայելէ յետոյ անոնց անկողինին, կը մտնէր ստորակարգ պաշտօնի, յաջորդուած միշտ աւելի թարմերէ ու խարանը ճակտին, վռնտուած ամէն դիւանէ, հրուած դէպի ամէնէն աղտոտ զբաղանքները [236], կոյուղին ու աւելի գորշ տեղերը, կը մեռնէր անօթի, ոջլոտ, կերուած ամօթէն, աղտէն եւ ճճիներէն։ Այնքան զգուշաւոր ու փորձ հաճի Արթինը ինչպէ՞ս ինկած էր փորձանքին։ Աղէտը արդիւնք էր պատուիրազանցութեան մը։ Ան ծեծին տակ մարեցուցած էր կինը, ազատելէ ետքը իր տղան, ճարպիկ այդ խաղով։ Բայց ի՜նչ դիմագիծ էր եղեր իրը, երբ ծախուած տղուն մայրը` մէկը անոր տունին վաստակաւոր ծառաներէն, ոտքն էր ինկեր ամենազօր աղային` պահանջելով իր մէկ հատիկը, ո՜րբը, առանց բարձր խօսիլ կարենալու, իր անհուն վշտին մէջ, իր տղուն չափ խորհելով վտանգին, որ կախուած էր պալատին գլխուն։ Ի՜նչ վսեմութիւն էր ատիկա։ Անիկա, մինչեւ աղիքները վրդովուած, հաներ էր ոտքի մայրը, հեռացուցեր էր գեղէն նոյն րոպէին, երբ դեռ պաշտօնակալը կը ճաշէր ներսը` համոզելով զայն, տղան ետ բերելու տարտամ խոստումով։ Տարին բոլորած էր։ Մայրը սպասեց, ու յուսահատ՝ իր չեկած տղուն կսկիծէն խելագար ո՜վ փոքր վիշտերուն անհուն մեծութիւնը։ Մենք չենք հասկնար, թէ ի՜նչ եղերական է հոգին, ուր ոչ մէկ լոյս պիտի իյնայ սա աշխարհէն։ Ուր տղու մը վրայ թափուելիք գորովը մեր ներսէն մեզ պիտի կրծէ, շատ եկած թթուի մը նման ու պիտի կործէ մեր հասակը։ Մենք, քաղքենիներս, մեր ցաւերը կ՚ոսկեզօծենք, գոնէ գիրով կ՚երկարենք, կ՚օտարացնենք մեզմէ։ Ի՜նչ պիտի ընէր այրի կինը, երբ իր զաւակը չկայ եկաւ, երեւցաւ գեղին մէջ ու կանգնած պալատի շքեղ մուտքին, անիծեց անոր տէրն ու բնակչութիւնը։ Սասանեցաւ գե՛ղը։ Առաջին բառն էր, որ կը դպէր հաճիին ճակատին։ Կապեցին։ Չէին կրնար բանտ նետել։ Հեռացուց։ Նորէն եկաւ։ Ինկաւ լեռնէ լեռ` ոռնալով եւ հեկեկալով, զաւակը պահանջելով խոտէն ու եղնիկէն, ծաղիկէն ու քարէն, լեզու դնելով ջուրերուն բերնին եւ վտակներուն։ Հաճի Արթինը, գայթակղութեան սարսափէն այրիին կցկտուր բառերը իրականութիւն մը թելադրելու կը բաւէին հետզհետէ վերցուց զայն մէջտեղէն, շղթայակապ, ղրկելով իր ձեռակերտ Նոր գիւղը` Իզնիկի մօտ, ու ճահիճին ջերմը կերաւ ու լափեց անոր լեարդը, մինչեւ որ անզգուշութեան պահի մը, սպրդեցաւ դուրս իր ախոռէն ուր կը պահէին զինքը յառաջացաւ լիճը ու ա՛լ չելաւ դուրս։ Եղեռնը իջաւ անոր հետ լիճը։ Հաճին դիակը հանել ու գաղտուկ թաղել տուաւ գեղին գերեզմանը` վրան դնելով այն քարը, ուր, մահէն օր մը առաջ, անիկա ծունկի էր իջեր, վերջին զղջումի ասեղէն խոցուած։ Հաճի Արթինը փրկեր էր վարկը, բայց ոչ՝ խղճմտանքը։ Այն օրէն, անոր ոսկեկոթ մտրակը շառաչեց իր կնոջը քամակին եւ տղոցը կողերուն։ Ի՞նչ էր իր ալ պատուհասումը։ Ոչ ոք գիտնայ պիտի։ Ու շէն պալատը լռեց ինքն իր մէջ։ Անոր ահը բաւ եղաւ, որպէսզի հեծք մը իսկ չսպրդի դուրս, ծառաներուն բաժինը։ Ու տղաքն ու կիները պաշտեցին անոր հրամանը։ Աւանդութի՞ւն, իրողութի՞ւն, թէ հեքիաթ։ Պատմողը կը հաւաստէր այս ամէնը լսած ըլլալ տեսնողին իսկ բերնէն։ Ու տէրտէրը, խոստովանանքի գաղտնիքին տակ փոր տուած, անկարող իր կզակները նուաճելու, կ՚աւելցնէր տագնապը հաճիին տղուն, իր հայրը փրկելո՜ւ…։ Ու հաճի Սերոբէն կը տեսնէր այսպէս, ամէն գիշեր իր աղա, բարեպաշտ, սուրբ հայրը, գամուած պատկերին մէջը հզօր ու գալարող միւս տանջանքին, որ կը սկսէր, երբ առաջին մտրակումը կենար։ Պահ մը պալատին ամայութեանը վրայ, դալկօրէն դեղին, լոյս ըլլալէ աւելի՝ ծծումբի բխում մը, զօրաւոր այրուցքի հոտի մը մէջէն, նշան՝ թէ կը բացուէին դժոխքին բերանները անորոշ սղոցում մը, քսքսում մը, ոսկորներու շկահիւն մը, առաջ պտիկ-պտիկ, յետոյ հաստ-հաստ, քայլերու կշռոյթով կը լեցնէին արդէն իսկ եղծուած ոլորտը։ Ահաբեկ, փախչելու անկարող, ուրուականը, գլուխը պատսպարած [237] -- աչքերը կը գոցէր --  ծունկի կու գար կէս վառուած պատի մը բացուածքին -- դո՛ւռը` ուրկէ ելեր էր դուրս որբեւայրին։ Ան կը խածնէր կապոյտ լոյսը իր շրթունքներուն ու երեսը կը թաղէր գետին, կորաքամակ, մինչ ծոծրակէն հրաբուխի մը իբր բերնէն մեղքը սիւնակ-սիւնակ կը ծառանար, յետոյ կը դառնար վար ու կրակէ շիշերու գառագեղի մը մէջ կը հիւսէր անոր ամբողջ ծնրադրումը։ Բայց ի զո՜ւր։ Կը բուսնէր խելագար կինը, նոյն այդ բացուածքէն, ահեղ ու անդիմադրելի, կեանքին տուած բոլոր զրկանքներուն գումարովը, տեսարանէն հագնելով տրտում ու այրուած դառնութիւն, մահուան մէջ իսկ չյագեցած, բայց մարդկայինէն ձերբազատ։ Կոտրուած, թերեւս անհուն միօրինակութեան մը ձանձրոյթէն, թերեւս մօր սիրտի անյատակ զրկանքներէն, այրած՝ բայց չսպառումին վախէն մաղաղկուն, միշտ խելագարի խստութեամբ, որ մահուան մէջ այնքան կը նոյնանայ մեր յիմար բանականութեան, ան հետզհետէ կ՚ըլլար պզտիկ, այսինքն՝ մարդկային քէն, վրէժ ու մեր ջիղերով պայմանաւոր ատելութիւն, թշուառական ու կարծր ու անողոք։ Ու կ՚ըլլար ան ինքզինքը ամբողջ, զգեստի տեղ ունենալով այն դեղնահար, հողամոյն ու ահաւոր տգեղութեամբ բանը, որ մաշարայական [238] ախտերով ծիւրածներուն կտակն է գերեզմանին։ Որ կաշի չէ, ոսկոր չէ, աղբ չէ։ Որով իջեր էր անիկա լիճին յատակը։ Կը կենար դէմը գլխահակ հաճի Արթինին, կը դնէր մէկ ոտքը քամակին, որ ստիպուած կը շտկուէր ու կ՚ելլէր ոտքի։ Լուռ, աչքերը կուղպ, ինչպէս պիտի պատահէր եթէ հարիւրական շամփուրի սլաք մխուած ըլլային անոնց մէջ։ Բայց անողոք պառա՜ւը։ Կը դպէր մատովը անոր դունչին, կապտաւուն, մեռելի գոյն ցոլարձակմամբ մը, որ լոյսի վազքին կամ փսորուող հոգեկան հեղանուտի մը կրնար նմանիլ ու կը ստիպէր զայն ցցելու [239], միշտ աւելի վեր, գլուխը։ Ու հաճի Արթինին գլուխը կը լարուէր դէպի ետ, ծոծրակի ճախարակին վրայ պրկուած ու կճրտուն, պինդ ու կզակները նետուած իրարմէ, ըսես գամ էր մխուած ծոծրակի այն անտես խոռոչին մէջ, որ կեանքին ծառին արմատը կը պատսպարէ։ Ու ներսէն դէպի ակնակապիճները ձգտուած կը մնար անոր նայուածքը, առանց աչք ըլլալ կարենալու, բայց տարօրինակ կերպով իրաւ, մարդկային կիրքերուն բոլոր կշիռովը, կարօտի, ծարաւի, զիղջի ու անսփոփ տրտմութեան տեսակ մը ջրհո՛ր՝ ուր կարելի էր տեսնե՜լ։ Ու միշտ նոյն մատին ծայրովը՝ անիկա կ՚ոլորէր այդ գլուխը նման գունդի մը, որ ժանգոտած ծխնիի մը կը դառնայ ու կը բզկտուի, ամբողջական հոլովումով մը, կեցնելով զայն, քիչ մը աւելի շատ, զոյգ ուսերուն վրայ, որպէսզի պատկերը, այդպէս կառուցուած, հագնէր լիութիւնը իր սարսափին ու ընէր զայն քիչ մը աւելի լայնօրէն, դառնօրէն հրէշ, յետոյ կը տանէր ու կը խարսխէր կռնակի կողմին։ Ու փշաքաղիչ բան էր տեսնել այդ մեռելը ատանկ, որուն բերանն ու աչքերը կը նայէին սեպհական կռնակին։ Ու այս ամէնը, առանց որ մարմինը մազի չափ խախտէր գամուած իր կէտէն։ Ու զարհուրելի էր համակերպուն, անպարփակ տրտմութիւնը, որ կը թափէր այդ թաւալող կոպիճներէն, սուտ գոհարի պէս դրուած պղպջուն մոխիրի մէջ ու թարթելով անդադար, վանելու համար աղը կրակին, մաղմաղին։ Ու մատը, ազա՛տը, ցոյց կու տար, աւելի ճիշդ՝ անոր աչքի գիծին կը բերէր, կը վերբերէր համապատկերը հսկայական ու անլուր կործանումին, ինչպէս դարձդարձիկ կտաւի մը վրայ, մանր-մանր, առանց ընդհատի ամբողջական այն դժոխքը, որ անոր սերունդին կեանքը պիտի կազմէր, ծրարուած այդպէս ծոցին մէջը անբաւութեան, բայց ճամբայ ինկած դէպի հողէ արգանդները, տնօրինուելու եւ իրանալու։ Ու կը վերբերէր նոյն այդ գիծին ինչ որ կը պառկէր գետինը, աւերածին վրայ։ Ու ահա մոխիրները գոյն ու արիւն կ՚առնէին ու քարերը կը ճեղքուէին։ Կէս ծռած սիւները, դանդաղ-դանդաղ, հսկայական օձերու նման իրենց աղեղները կը ձեւէին լուսախտիղ միջոցին վրայ ու կը բարձրանային կենալու իրենց պոչերուն վրայ։ Յետոյ՝ ուղղաձիգ, ներկուն [240], իրարու կը հիւսուէին, շինելու համար պալատը, որ հրաշքով մը կը պահէր թէ՛ շարժումը շինումին, թէ՛ սառումը աւարտած ձեւին։ Ու անոր կը տրուէր իր կեանքին փառքն ու վայելքը, այնքան քիչ կշիռով։ Ո՜վ յիմարութիւնը բոլոր շինողներուն։ Հաճի Արթինին պէս պիտի գոհանաք կուտ մը ձիթապտուղով ու պիտի դիզէք կամ պիտի բաշխէք, առանց որ յագեցման գոհունակութիւնը հանգչեցնէ ձեր մոլուցքը։ Ու այդ պրկագին հեղ[ո]ւսումին մէջ անիկա թաթխուած էր ոսկեջուր պատմուճանի մը մէջ, ինչպէս հագած էր այն դժբախտ, անբացատրելի մենութիւնը, սէրէ, գորովէ օտար իր եսութիւնը, որմէ խուսափելու իր տառապանքին մէջ անիկա փորձեր էր աշխարհիկ համերը, կինն ու զաւկին հպարտութիւնը՝ մարմնառութիւնը ուրիշ պատկերի մը տակ մեր անխորտակելի իրականութեան, ոսկին ու կիրքերը խառներ նոյն ճանձրոյթով։ Հարուստի, իշխանի, աշխարհակալի ոգինե՜ր։ Ձե՞րն է այս պատմուճանումը։ Ձե՞րը՝ այս լեղի ու ցաւէն ալ վեր ձանձրոյթը, որ ձեր մահովն իսկ չի կշտանար։… Այդ դալկութեան մէջ, մեռելներու յատուկ այդ կապուտիկ շղարշումին մէջ, ի՜նչ տգեղ, անտանելի, մա՛նաւանդ գարշ է ինչ որ մենք կեանք կը կոչենք ու, մա՛նաւանդ՝ այն մասնաւոր մէկ տեսակը, որ հանրային զբօսավայրերէն, ճամբաներէն հեռուները կը պտտի եւ իր ցանկութիւններու ասեղովը ծակծկուած, իր կիրքերուն շոգիովը տապկուած, կը շեղի ու մեղքով իսկ չի կրնար լիանալ։ Ոչ միայն այսքան։ Չարագուշակ մատը կը բերէր անոր տեսողութեան գիծին շեղջակուտակ պատկերը իր տղոցը մեղքերուն, սեւ, սեւ, ու անհամ, ու ահարկու, ու ան միւս դէզերը, պարկ-պարկ, թշուառութեան ու տառապանքի, որոնք պարպուէին պիտի տղոցը գլխուն։ Ու աւելի՝ այն մռայլ, անկշտում, անքանցելի [241] ցաւերը, որոնք նեարդ-նեարդ, ինչպէս սաղմնորդը, տեղաւորուած էին զաւկըներուն միսերուն խորը ու պիտի աճէին` հիւսելու զանոնք իրենց փաղաղիչ շապիկովը…։ Կը յոգնէ՞ր մատը։ Ան կը կենար, անկուշտ եւ ատով թշուառ, տառապանքէն անդին նոր բան մը հնարել անկարող ըլլալուն։ Հողին խաղաղ վերջաբանումը կը պակսէր հոգեւարքին [242] եւ մահուան տեսարանումին [243] ։ Ու ցաւը երբ կ՚երկարի, կը դադրի իր իսկութենէն։ Չզգալու համար տառապանքը, կը բաւէ յոգնիլ անկէ։ Պառաւը կը դառնար նորէն մարդկային պայմաններուն։ Ու անոր մազերը կը փշանային։ Անոր ոսկորները, իրենց ծխնիներուն վրայ բարակ շառաչիւնով, շարժի կ՚ելլէին։ Կիրքը կը հրդեհէր անոնց շուրջբոլորը թրթռացող ցանցը, ջիղ ու դնդեր։ Անիրականին պաշտպանութիւնը կը լքէր զայն ու կ՚իյնար անիկա մարդկային իր խեղճութեան անյատակ կսկիծին։ Կը բացուէին անոր շրթները, կատարելապէս անուրուատիպ, լղար, դիակնային կապոյտով, որ կանանչի, ժանգի կը [244] մօտենար, անխմոր ու սուտ՝ ինչպէս են տենդէն յետոյ մեր գունաթափ այտերը։ Ու կարմիր, թարախոտ լորձունքի մը մէջէն, կայլակ-կայլակ անոր` հաճի Արթինին գլխուն կը հեղու[է]ին [245] ալիքները անէծքին` երկար, միակտուր, անսպառ եւ իրաւ, աստնուորին աղովն ու կսկծեցնող լեղւութեամբը։ Բայց ահա աւելի տխուրը։ Այս պարպումէն յետոյ, որ օձերով լեցուն տոպրակի մը սմքումին կը նմանէր, սողուններուն հետզհետէ դուրս թափուելուն հետեւանքով, կարծրակուռ կինը կը մեղմանար, բռնի։ Ան ստիպուած էր կեցնելու օձագալար ու օձընկէց ծորակը իր բերնին, երբ իր աջին, փայլակումներու մէջէն թրթռագին բան մը մարմինի ծուէնները հաւաքէր։ Բայց ի՜նչ հաւաքում…– տեսակ մը մշուշոտ խտաւորում։ Կը բուսնէր անոր ալ պզտիկը, աղուոր, ճիշդ ու ճիշդ այն պատկերով, այն մեծութեամբ, ու լիքութեամբ, որով կը ճնշէր, այսինքն՝ կը շինէր ան իր կուրծքին իր տեղը, տակաւին թուրքէն չառնուած։ Որով ելած [246] էր անիկա թուրքին ձին՝ երթալու համար անոր ետեւէն, բայց աչքերովը կապուած մօրը մարմինին, ինչպէս էր անոր փոքր պորտը, երբ առաջին անգամ սողաց դուրս մօրը արգանդէն։ Ու անոր աչքերէն, տարօրինակ աղիքի մը լարերուն նման՝ կ՚երկննային թելեր, նայուածքին կապերը, բարակ ու ոլորուն, որոնց կծիկը, սի՜րտը, կը քակուէր անդադար ու կու տար լարին՝ իր բերանը…։ Ո՜վ մայրերու թշուառութիւն։ Բայց ի՜նչ հարկ հետեւիլ պատկերին, մեծցնել պզտիկը՝ ամէնէն անարգ պատկերներուն աղբովը…։ Հաւը կը խօսէր ու պառաւը ստիպուած կը հալէր, իր երկու թեւերը թօթուելով հաճի Արթինին հեղ[ո]ւսուած գանկէն, որուն կատարին, որմէ վար անոնք օձերէ հիւսուած ոլորքի մը վերածուած, կը դնէին ամէնէն գարշ պսակը, ցօղուն-ցօղուն, ինչպէս արտի [247] աղջկան մը հիւսակները ու կը գրկէին, կը գրկուէին մէջքին կքումին։ Ի զուր հաճի Արթինին հսկայ բարիքները, եկեղեցին ամբողջ, հիմերովն ու աւանդատունին գանձովը (բառը առնուած պետական լայնքով) եւ ուրիշ անհամար խերեր կը միջամտէին, բզկտելու համար այդ եղերահիւս պսակը։ Օձերը կը փրթէին, բայց գետին թափելէ առաջ կը շուլլուէին կրկին, իրանն ի վեր, սողուն ու մեռել, ու կը քսքսէին իրենց լեզուին սլաքները՝ մուտք ճարելու համար հանգոյցին խորը գարշելի պսակին։ Ու կը պլլէին իրենց ականակուռ, փուտ [248] ու փայլուն թեւերը անոր թեւերուն։ Ու ի՜նչ որ երեւակայած է Տանթէն։ Ինչ որ տարօրինակ էր, տեսարանին տեւողութիւնն էր հաւախօսէն ետքը, որուն պատգամին հնազանդ եղան տեսիլքներն ու ուրուականները բոլոր դարերուն։ Իր ողջուցը սուրբ, ժամասէր, առաքինի եւ աննման հաճի Արթինը, այսպէս գարգմանակուած պիտի մտնէր քիչ-քիչ հողին ծոցը։ Ու կէտին, ուրկէ տեղի կ՚ունենար սուզումը, զզուելի ու պաղ կենդանիները դեռ կ՚եռային. ու հաճի Արթինին անհետացումէն վերջն ալ դեռ հողը կը մնար օձերու զեռում մը, որ կամաց-կամաց կ՚իյնար իր լայնքէն ու լոյսի բխումի մէջ կ՚աղբերանար։ Այս հանդարտութիւնը՝ օձին լոյսի լեզուի մը վերածումը, ո՜ր օրէնքներուն կնիքովը տեղի կ՚ունենար։ Ի զո՜ւր տէրտէրը պիտի կարդար Յայտնութեան չհասկցուած գիրքը. ախթարնամէ ները, Վեցհազարեակ ի բեկորները` բացատրելու համար օձերուն պատգամը։ Հանդարտութիւնը կու գար, բոլորովին (հողին եռքին) [249], երբ քանի մը անկիւնէ, իբր թէ երկինքին սեւ հողը ծակելով, բուերը բզկտէին իրենց կոկորդը։ Ու այն ատեն աւերակոյտին բոլոր նեարդներէն ու անոր իմաստին բոլոր լարերէն, մութին մէջ կը հոսէր անըմբռնելի, բայց շատ յստակ այն բեկումը, կործանումը, մարդկայինէն պարպուելու զգայնութիւնը, զոր գերեզմանը կը բանայ վախկոտներէն ներս, մութին վարշամակուած մեռելքարերը խախտելով ու ոտքի հանելով, շարք-շարք, քիչ ու անհուն, սեղմ ու երկինքին բոլոր պոչերը լեցնելու չափ տարածուն, ու տգեղ կամ գեղեցիկ, իրենց պատանքներուն եւ իրենց մարմիններուն բոլոր որդերովը եւ նշխարումովը։ Ու քայլք։ Այսինքն՝ արշաւ անվերջ ու պարսաւոր (ինչպէս կը պատահի դիտել ու զգալ՝ մեղուներուն թեւերէն, երբ կը ձգեն փեթակը)։ Ու ամբոխուած լռութի՛ւն, զոր կը յօրինէին խոնաւութենէն լեզու ելած գերանները։ Խուլ հեծկլտուք, մարդկայինին շատ մօտիկ, զոր պատերը կը ղրկէին պատերուն։ Երբեմն քարի շերտ մը կը փրթէր ու կ՚իյնար ու ահեղ պատգամի մը պէս ահաբեկ կ՚ընէր պարզամիտ հաճի Սերոբէն։ Ու ծեփերը, որոնք կը սպասէին այդ ժամուն` կործելու համար իրենց ծոցերը։ Երբեմն, պատի լման մասը, որ կը քայքայուէր ու երկրին տակէն արձակուած բանդագուշական որոտումի մը նման կը ցնցէր մարդուն մազերը մինչեւ։ Ու ասիկա այսպէս տարիով։ Վախէ՞ն, հաշիւո՞վ՝ հաճի Սերոբէն չպատմեց աղբրտանցը սարսափելի այս տեսարանումէն [250] ոչ մէկ բեկոր։ Բայց չխենթենալու համար՝ խօսեցաւ տէրտէրին, որուն թելադրութեամբը անիկա ստիպուեցաւ կնիկը առնել երեւոյթին մէջ։ Առջի իրիկուընէ կը քնանար անոր բարի կնկուկը, խաչովն ու աղօթքովը զրահուած ու կ՚արթննար էրկանը մշտուքէն։ Բայց ուրուականը կը խնայէր առաքինի տիկինին։ Ան, կնիկը՝ աչքերը կը շփէր, գունդերը դուրս առնելու չափ ուժով ու կը սեւեռէր ինքզինքը [251] մատին ուղղութեամբ։ Ոչի՛նչ։ Յստակ մութին մէջ, քարերը՝ մոխիրով ալեւոր, քիչ մը շարժում ունէին, բայց չէին քալեր ու կը դառնային իրենց քարի մարմինին։ Պատերը՝ մութին վրայ քիչ մը աւելի հաստ մութ մը կը ձեւէին ու այդքան։ Ուրուակա՞ն։ Ոչ մէկ գիշեր անոր տրուեցաւ այդ սարսափախառն, բայց ցանկալի կոխքը [252] ։ Տէրտէրը բացատրեց ուրուականին կամքը ու կինը կնիկ-արմատը անարժան նկատուեցաւ այդ աստուածային կարգադրութեանց մէջ մանած ունենալու։ Խենթութիւնը դուռն էր հասած, երբ ուրուականը փոխեց իր բեմը։ Անիկա, արգիլելու համար տղան [253], որ որոշած էր լքել տունը եւ փախչիլ, այցելեց ճղակոտոր սենեակը։ Ան կը կրկնէր լաւ օրերու մարդկային իր շէնքը, ատանկ գիշերը կէսին։ Ու նստաւ անիկա, ափափոյ կազմուած օճախի սեմին։ Ան ազատ էր օձերու գարգմանակէն։ Ու պատանքէն՝ որ ուրուականները կ՚ընէ այնքան իրաւ։ Ազատ էր անիկա անէծքին երկանաքարէն, որ կ՚աղար մարդերուն բարօրութիւնը եւ փոշիի, մոխիրի կը վերածէր զայն։ Ու կը նմանէր շէն օրերու գեղեցիկ իր պատկերին։ Չխօսեցաւ, գուցէ խնայելու համար զարհուրանքը, որ մեռելներուն ձայնէն կը բխի։ Բայց միջամտեց իր տղուն մտածումներուն։ Տեսակ մը մնջկատակում։ Յօնքերու լարումով, թարթիչներու բախումով եւ ընկրկումով՝ ան առաջնորդեց անոր խելքը դէպի որոշումներ, որոնք վտանգէն զերծ պահեցին իր բանականութիւնը՝ ինչպէս նիւթական շէնքը։ Անոր այդ լռին ցուցմունքովն ու հաճութեամբն էր, որ հաճի Սերոբէն, տարի մը քուրձի վրայ նստելէն ետքը, սոթտուեցաւ ու մտաւ՝ կրակէն կոխկռտուած ու յօշոտուած պալատին աւերակին մէջ եւ իր իսկ ձեռքերովը փրցուց ու հանեց անկէ ատաղձի մասեր, հսկայ գերաններ՝ հնօրեայ ու առողջ, որոնց իրանին թանձրութիւնը չէր սեղմուեր մարդոց բազուկներուն մէջ եւ որոնք դիմադրած էին կրակին ակռաներուն։ Ածուխին հետքերը, քանի մը քերոցով, անիկա թափեց անոնց մարմիններէն ու երեւան բերաւ առողջ, պինդ, քարի պէս կարծր անոնց հասակը, իւղաւոր ու խիտ ներստուարումով [254], որոնց աճումին քիչ կու գային մեր լեռները այդ օրերուն։ Հաճի աղան ատոնք հանել տուած էր հեռաւոր անտառներէ, անոնցմէ՝ որոնք լիճին արեւելքը կը բարձրանան ու կը դիզուին, անմատոյց ըսուելու չափ բզկտուած ու թանձրագիծ։ Նաւերով, լաստակերտերով անիկա փոխադրել տուած էր զանոնք լիճին հարաւային ափը ու գեղացին, մատաղով ու պատարագով իջած էր ծովափ, իր տրամադրելի բոլոր կենդանիներով եւ օրհնութեան շարականներով՝ հանած վեր, լեռնամէջի [255] գիւղը։ Կարծես Երուսաղէմի տաճարը կը շինուէր, ինչպէս նկատեց ծերերէն մէկը այն ատեն, ու Սողոմոնին փառքը գուշակեց հաճի աղային։ Պարզուկ ծերունին չէր կրնար հասկնալ ունայնութեան երգին խորութիւնը։ Այլապէս աւանդութիւնը մեզի հասցուցած կ՚ըլլար անոր պատգամին այս մասն ալ, եթէ տրուած ըլլար։ Հիւրասենեակը մաքրուեցաւ դուրսի կողմէն, հրդեհին սեւ շունչէն։ Իջաւ իր ծաւալին քառորդին, բայց պահելով նախորդին կմախքը, յարդարանքը ու կարգ մը ձեղնամասերը, որոնք զգուշութեամբ անիկա ազատեր էր հինը քակած ատենը։ Աղուոր ճերմակ մը, նոր ու կասկածելի, ինչպէս էր արդէն հարստութիւնը հարուածող մարդուն, ջնջեց մուխին բոլոր հետքերը, վրձինները։ Կրակին զարկած ամբողջ տարածութիւնը (այսինքն՝ պալատը, իր երկու թեւերը, ծառաներու բազմագլուխ շինուածքը, ու հսկայ ծառաստանը` վայրագ ու ահարկու իրենց ածխացումին մէջ) անջատուեցաւ բնակելի միակ բեկորէն` սենեակէն, ու ձգուեցաւ իր բախտին։ Այդ ազատուած խլեակը երկար ատենի համար մնաց խորհրդանշան մը, որ լուսաբանեց, ապագայ յաջողութեանց ցոլքին տակ, Աստուծոյ կամքը, Նալպանտենց օճախը կանգուն պահելու իր հեռատես կարգադրութեանը մէջ։ Տէրտէրը, իմ հասնելէս յետոյ, սովոր էր կրկնելու՝ «Զի Տէր այց արար ծառայի իւրում Դաւթի» ։ Ափափոյ հիւսուած նիհարկեկ պա՛տ մը, ուր մտան հսկայ աւերակին ամէնէն ականաւոր քարերը, անոնք, որ սեմ, հորի դուռ, կենդանիներու ջրաման եւ ուրիշ պաշտօններով արդէն անուն մը ունէին, երբ պալատը ոտքի էր, եւ կորուստէ փրկուեցան։ Ցանկապա՛տ մը` դարձեալ մարդակներէ, հեծաններէ բաղկացած։ Ու մեկուսացաւ փոքր շէնքը։ Անդին, աւերակը, զարհուրագին ձեւերու ամբողջ դառնութիւնը ձգուեցաւ բուերուն տիրապետութեան, գեղին կուշտին, տեսակ մը անիծապարտ անտառուտք, ուր չուշացաւ երեւան գալ հաստ, վայրի մոլախինդերու մացառումը, մորենիներու եւ ուրիշ փուշերու ընդարձակ փաղաղումովը։ Խոտերը աճեցան ու գարուն ու ամառ, ջանացին ստուերել դառնութիւնը մարդերու քայքայումին։ Կ՚ըլլայ ասիկա լքուած գերեզմաններու մէջ, երբ այլեւս մարդուն սարսափած ձեռքը չի մօտենար անոնց արմատներուն, որոնք հողին արտակարգ պարարտութիւնը վեր կը փոխադրեն ու միջոցին վրայ, փխրուն բաժակի մը ձեւին տակ, գոնէ եղանակի մը համար կ՚օրօրեն արեւին տակ թերեւս մանկամարդ աղջկան մը հետ թաղուած սէրն ու գեղեցկութիւնը, երազն ու բիւրաձեւ ըղձանքները։ Հոն չուշացաւ երեւան գալ աղուէսը, որուն ցռուկը այնքան դիւրութեամբ կը գտնէ նկուղներուն խոնաւ արտարձակումը` հոն հաստատելու համար իր որջը եւ կրելու, սուսիկ-փուսիկ, հեռու թաղերու հաւերը` խնայելով մօտիններուն, անհանգիստ չըլլալու խորագէտ հաշիւներով։ Հոն գացին սատկելու բոլոր ծերացած կատուները, որոնք իրենց մահուան տրտմութիւնը կ՚ուզեն խնայել իրենց բնակած տունին եւ կ՚ընտրեն դիւրին ամայութիւնը։ Ու օձեր` հաստ, երկարուն, որոնք իրենց կռնակի մորթին ցուցմունքովը կ՚ընտրեն իրենց հանգիստի օրանները, սեւերը՝ գերաններու ածուխին փաթթուած, խատուտիկները՝ ճիւղերու վրայ՝ ուր մամուռը փութացած էր բուսնելու։ Քարն ու այրած ծառը այնքան դիւրին կը շփոթուին։ Ու կրիաներ։ Ու մողէսներ։ Գէլերու (գայլ) բնակարա՞ն, եղաւ միայն խորունկ ձիւներուն։ Ու կատարուեցաւ Աստուծոյ պատգամը, որ զարկաւ մարդոց մեծամտութիւնն ու անձնասիրութիւնը։ Մարդոց կամքով ուրիշ կրակ մը սրբեց այդ վայրենացումը։ Ու ձմեռներ անցան։ Գարունի մը հետ եկաւ, վերադարձաւ վերջապէս, իր բոյնը կորսնցուցած ու անվարժ ծիծեռնակի մը պէս, խոտը, բայց մարդկայինը, կանանչը, որ մեղմեց պատերուն ու գերաններուն կոյր տրտմութիւնը, հագուեցնելով անոնց մերկութիւնը բարակ ու թրթռուն բաներով։ Չդիմացաւ յամառութիւնն ալ երկրորդ մոխրացումին։ Տեղի տուին գարունին անոնք ալ։ Ու երբ Նալպանտենց հաճի Սերոբէն, հիւրասենեակին վրայ աւելցուց ամբողջական յարկ մը, ընթացիկ ճաշակով, որմերը փայտահիւս, զաղփաղփուն ու վրան շաղախ, բայց ծեփը մաքուր, առատ պատուհանումով մը համաչափուած, անդին, հին դղեակին գերեզմանը եւ անոր պարտէզը կը նուաճուէին [256] ընտանի ու խելօք ու միջին ճաշակի բուսականութեամբ մը, անկէ՝ որ մարդուն շունչն ու մատը կը մատնէ, տեսնել կրցողին։ Այնքան բարի, բնական, իրաւ էր կանանչին այս առքը, որ մարդ կը փորձուէր չյիշել երբեք անմոռանալի շէնքին եղերական փառքը։ Կարծես աշխարհի առաջին օրէն իսկ այդպէս խելօքցած ըլլար գետինը այդ թիզ մը խոտին ասեղներուն տակ։ Ու կարծես օր մը օրանց հոն կանգնած չըլլար կախարդական դղեակը, նախանձի կոթողի մը պէս՝ թուրքերուն ու քաղքի փաշաներու երախին դէմ։ Ու հոն ապրած չըլլար, պտտած ու սիրած չըլլար ոսկիին ու բարիքին հզօր աստուածը, աղքատին ու ինկածին անկորուստ օճանը [257] ։ Զարտուղութիւնը այսպէսով սրբագրուած, դադրեցաւ վիրաւորիչ ըլլալէ։ Մարդիկ վարժուեցան այդ տեսարանին ու ամէնէն առաջ հաճի Սերոբէին, որ, ուրուականին յաճախումէն թեթեւցած՝ հաւաքեց իր կորովը կրկին ու նուիրեց ինքզինքը իր նուաճումը ամրապնդելու, պապենական օճախը յարատեւ պահելու։ Մինչեւ անոր հարուստ մը դառնալը տարիներ ու տաք ու պաղ անցած ըլլալու են։ Բերանացի պատմութիւնը ժլատ է սակայն արժող մանրամասնումով։ Կը ծանրանայ միայն անոր աղջիկներուն քանակին։ Ոչ մէկ ինքնացում, բարոյական երակէն, որ յստակ ու վճռական հաւաստումով մը զատէր հաճի Սերոբէին գիծը միւս եղբայրներուն որդնոտած թնճուկէն, չափազանց ծանօթ ու առանց մութի։ Չի ճշդեր յատկութիւններ, հոգ չէ թէ քիչ մը դէպի ձախ հակած, ոչ ալ առաքինութիւններ՝ որոնք արդարացնէին այս վերափառքը։ Ցուցմունքն ալ չունի ցայտուն դրուագի մը, որ, հօր ողջուցը, անոր վաստկած [258] ըլլար հօրը օրհնէնքը։ Իրաւ է, թէ կը պակսին [259] կրկին այն գունագեղ, հատընտիր, փնջուած ու թանգարանցու մեղքերը, որոնք մէկիկ-մէկիկ, հզօր իրապաշտութեամբ մը ցուցակագրած, զարդարած ու հանրութեան անկորուստ սեպհականութեան տրամադրած է, միւս եղբայրներուն հաշւոյն, բայց ոչ իսկ միջակ առնութիւն մը, կամ ասոր մէկ հարկադրանքը, սանկ լայն շարժում մը, որ ձեռքը դէպի մէջքը տանի եւ քսակը քաշէ ուժգնութեամբ ու տակէն բռնած կործէ գլխիվայր պարունակութիւնը ժամուն թապախ ին։ Մրջիւնին վրայ չկոխող, բայց անոր համար գետին ալ չծռո՛ղ։ Չէզո՛ք, ինչպէս ըսուեցաւ վերը։ Միայն, նոր այդ աղբիւրը, երբ միւս եղբայրները անողոք ու աստիճանական յառաջատուութեամբ մը կը հրէ միշտ վար, վա՛ր, վա՜ր, կը սուզէ աղքատութեան, մինչեւ իսկ աւուր հացի կարօտութեան դժոխքը ու կ՚ընէ ասիկա յայտնի թուումով, թուականներով, համեմելով պատմումը մահու մահիճէն անոնց արձակած զղջման խօսքերով, ու կը խարանէ վճռատիպ ու վայրագ անոնց կեանքը՝ ինչպէս մահը, կը տեսարանէ վայել յարդարանքով այս ընկղմումին աստուածահաս հանդէսը, նոյն այդ աղբիւրը կը խնայէ հաճի Սերոբէն։ Կ՚ընէ զայն զգաստ, երկիւղած Տիրոջմէն։ Կը ղրկէ անպայման Աստուծոյ տունը, ուր միւսները ոտք չեն դներ հօրերնուն թաղումէն ի վեր։ Ներկայ է բոլոր ժողովներուն, քիչ ու վախկոտ, բայց մաս առնող ամէն բաժինքէ։ Համեստ են անոր ախորժակները։ Ուրիշին չի հասնիր, ինքնաբերաբար, բայց դիմողը երբեք չի ղրկեր ձեռնունայն։ Զինքը կը կանչեն հարսնիքի՝ ինչպէս ընտանիքի վէճերուն ու, մտիկ չընելով հանդերձ իր խօսքը, կ՚ախորժին անձէն։ Բանող, դատող, գեղին մէջ պատկանելու աստիճան զատ թաղի մը, որուն այրերը, թերեւս ծագումով ուրիշ գեղէ մը, կը զատուին որոշապէս զանգուածէն։ Անոնք պիտի մեռնին շուկայ մը չելած ու սուրճ մը չառած իրենց շրթներուն։ Անոնց նման, հաճի Սերոբէն իր օրը կ՚անցընէ գեղէն դուրս, իր հողերուն վրայ, առանց յոգնելու՝ ինչպէս առանց կռիւի, միշտ քիչ մը զիջող իր անաստուած աղբարներուն։ Ան շատոնց քաշած է իր ցանկութեան սանձերը ու հեռաւոր, վիճելի կալուածներէն դուրս ելած, թօթուելով տրեխին փոշին։ Կ՚ամփոփէ իր հողերը, բայց կ՚ենթարկէ զանոնք լիակատար շահագործումի։ Կը զգուշանայ, խորունկ սարսափով, հօրը ընդարձակ գործառնութիւններէն, առեւտուրէն ալ, զոր հրեաներուն մենաշնորհը կը դաւանի եւ հետեւաբար անիծապարտ, եւ թերեւս իրենց կործանումը կը մեկնէ այդ իսկ վճիռով, կապալառուներէն ու տասանորդի համար այդ օրերուն ընդունուած վարչութենէն, որ եթէ տուները (ձեռնարկուները) մոխիրի վրայ չի նստեցներ, բայց գեղ մը անէծքի աղբիւր ու բերան կը բանայ։ Այսպէս ապրուած քանի մը տարիներ բաւ եղան, որպէսզի անիկա անջատուի մականունին ընդհանուր երանգէն, աւանդութիւններէն ու վերադառնայ ու թաղուի ոլորտին մէջը իր կնկան աւանդութիւններուն, հիմնովին հակադիր Նալպանտենց օճախին։ Դուք չէք գիտեր թերեւս, թէ անոր կինը կու գար գեղին ամէնէն բարեպաշտ, խաթունիկ տուներէն։ Որ ունէր հին ու անխորտակելի առաքինութիւններ: [260] Կիներուն գիծով, [261] պարզ հագուիլ ու հագուեցնել։ Այրերուն գիծով՝ հողին հետ ըլլալ։ Քիչ ուտել ու միշտ աշխատիլ։ Տունով-տեղով, նոյնիսկ օրնի զաւակով իջնալ քաղհանքի։ Ընել նոյն ճիգը՝ ձիթենիներու քաղին ատեն։ Անիկա Նալպանտենց հարսներուն մէջ պահեց իր ծագումին, թաղին, առհաւութեան այս ստորոգելիները, ու եղաւ ամէնէն համեստը, խօսք-մռուկը, անաղմուկը ու ամէնէն քիչ քսուածը Նալպանտենց փառքով։ Արտն ու դաշտը ան փոխարինեց ընդարձակ պարտէզով, ուր կ՚երեւար արշալոյսին՝ տղաքը ձգած փէշին, ու մատներով կը խառնշտկէր բոյսերուն սիրտը եւ հողին արգանդը։ Ան կը հսկէր ծառաներու ընդարձակ մարզին, ուր իր քաղցր խօսքը կը ստեղծէր տանելի ոլորտ։ Լուսաւոր է այս կնոջ դէմքը, աղէտէն ետքը մանաւանդ։ Ան շատ դիւրաւ, գրեթէ առանց զգալու, կը գտնէ մայրենի տան աղքատիկ ցուցմունքները ու բնազդը։ Գրեթէ աղտ թափելու պէս կը թօթուէր վրայէն ապարանքին պարտադրած վարժութիւնները, ձեւերը։ Համակերպուն, առանց կսկիծի, թերեւս խորունկ շերտէ մը սիրտի՝ թաքուն հաճութեամբ կ՚անցնի նոր օճախին։ Ու կը շինէ անոր հոգին այնպէս՝ ինչպէս պէտք էին ըլլալ շինուած իրմէն առաջ հարիւրաւոր տուներ, դարերու հոլովոյթով մը, բոլոր իր արիւնէն սերած տուներէն ներս։ Առաջինն է Նալպանտենց հարսներէն, որ կարկտուած մուշտակին կը յօժարի, քանի որ ամէն աղջիկ, աղքատագոյն իսկ խաւերէն, հարսնիքի հալաւին մէջ մուշտակ մը պիտի ցուցադրէ։ Կը հրաժարի կրկին ծանրահիւս միւս զգեստներէն, որ հարսներուն մարմինները կը գեղազարդէ հարուստ յարկերուն վրայ։ Ու պալատին վայլող [262] ոսկեդրուագ ու Պրուսայի մետաքսէն պատրաստուած բեհեզին փոխարէն՝ անիկա կռնակը անցուց, քաջութեամբ, գուցէ հեշտանքով այնքան խոր է գեղացին հարուստի պատեանին ներքեւ տանհիւս պարեգօտը, հաստ, կոշտ, բայց մատի վաստակը միայն արժած։ Ժողովուրդը նոր չէ, որ կ՚ըսէ «էգ թռչունն է, որ բունը կը շինէ»։ Օրինակը շատ ուշ պիտի գար Նալպանտենց տունէն։ Ու գեղին բոլոր հարուստները ամէնէն խնայող կիները ունեցան։ Իրողութիւն է, որ ինքզինքը անգամ մը գտնելէ յետոյ, հաճի Սերոբէն աճած է դանդաղ, բայց ապահով քայլերով։ Աճած՝ նախ իր տունն ի վեր, ուր քիչիկ-քիչիկ դարձ ունեցան թուրքերու եւ հոգին սեւող կարգաւորներու վկայութեամբ վաճառուած ու գրաւուած գորգերը։ Կտիկ-կտիկ անիկա տուն կրեց հսկայական կաթսաները, մատաղցու խալկինները, որոնք խեր չէին տարած իրենց մտած բակերէն ներս ու անէծքին կենդանի վկաները նկատուեցան երկար ատեն։ Ասկէց զատ, հաճի Սերոբէն իրեն համար արժանապատուութեան հարց ըրաւ, ի՛նչ գնով ալ ըլլայ, հաւաքել ու «փարախը դարձնել» մոլորած սաները, պղնձեայ բոլոր անօթները, մեծ ու պզտիկ, որոնք թուական ու «Հաճի Արթին» վերտառութիւնը կը կրէին իրենց մէկ անկիւնը։ Պապենական այս նշխարները բախտ բերին անոր։ Կողոպտողները, ո՛րը ամօթէն, ո՛րը վախէն թուրքերը՝ աղա ու տանուտէր, չէին զիջաներ [263] կողոպուտին ու հարամին, այլ՝ չնչին գինով մը, օրինական առուտուրի ազատութեամբ, կ՚առնէին քրիստոնեային ապրանքը, փոյթ ունենալով վաճառողին հաւանութիւնը ապահովել վերադարձուցին Սերոբէ չորպաճիին [264], ինչ որ յարմար տեսան։ Վերահաստատումը յետոյ տարածուեցաւ դուրսին, հողերուն, որոնք սուղ-աժան տրուեցան ետ, պաշտօնական փոխանցումով։ Ու անիկա քիչ-քիչ ելաւ դիրքի։ Մեր ցեղային առաքինութիւնը կ՚ուզէ, որ այս ամբարձումը ամէնէն քիչ հանդուրժողները ըլլան հաճի Սերոբէին հարազատ եղբայրները, որոնք բացատրելի ընելու համար այս աճումը, գանձէն գողցուած գրիւով ոսկիին հեքիաթը նետեցին մէջտեղ, համոզուած իրենց լրբութեան ու յետոյ հաւատացին ջերմութեամբ ու անկեղծ, իրենց սուտերուն, մէջէ-մէջէ [265] կռիւներու ընթացքին գողութիւնը տեսարանելով ու դիզելով վրան նոր մանրամասնութիւններ։ Ու անոնց կիները բազմապատկուած հռետորութեամբ մը կրկնեցին «անաստուած» իրենց էրիկներուն բարբաջանքները, փողոցային, ուժգին, հաղորդական ու պերճաբարբառ, ամէնուր որ [266] առիթ տրուեցաւ իրենց ճակատիլ իրենց «բախտաւոր» տագրոջը պարագաներուն…։ Ու չէին խպներ, «մեռոնը» սրբուած ըլլալուն իրենց երեսներէն։ Ու կ՚ընէին այդ ամէնը իրենց պալատականի անցեալէն աճած լրբութեամբ մը, հնօրեայ ծառայողներու բունիկներուն առջեւ, որոնք հոգածու եւ խնայող եւ խեղճ այդ մարդոց աշխատանքը կը պատմէին, ու կը կղպէին իրենց խարխուլ փեղկերը` խնայելու համար պարզուկ այդ անկիւններուն՝ մեղքերը իրենց երբեմնի խաթուններուն, սատանային շալակը նետելով անոնց բերնէն հոսած [267] անէծքն ու հայհոյութիւնը։ «Զի ամենայն դատարկ բանի համարս տայցէք» կ՚ըսէր ու կը մտածէր ծերունի Գաբաւոնը` հաճի Արթինին սիրական աշխատաւորը, եւ կը տառապէր աղային հոգուն, ինչպէս տէր[տէրն]երուն [268] լրբութեանցը համար։ Բայց Աստուած ցորեն չի քաղհներ [269] վերը։ Կիներուն վայբերանութեանը հետ ուղիղ է համեմատուած հաճի Սերոբէին բարգաւաճումը։ Դրամ կը քալէր դէպի անոր տունը, դիւրին, ինքնակամ։ Կան այն ձեռքերը, որոնք հողը բռնեն՝ ոսկիի կը փոխեն։ Դրամ կը վազէր դէպի անոր տունը, կարծես արդարացնելու համար շատ հին առածը, որ կ՚ըսէ՝ «Ջուրը չի մոռնար գացած ճամբան»։ Մինակ ջո՞ւրը։ Ոսկի՛ն, մա՛նաւանդ ոսկին, կ՚աւելցնէին բանգէտ ու արդարադատ ծերունիները, տրտմած՝ բայց աննախանձ։ Անոնք լքուած իրենց զաւակներէն, արհամարհուած հարսներէն, լքուած մա՛նաւանդ իրենց կիրքերէն, հանդարտ սպասումն ունէին մահուան ու կը մտաբերէին երկինքին մէջ իրենց պատմելիք նորութիւնները իրենց «ա՛լ հանգչած ծանօթներուն»։ Ու ընտանիքը հաճի Սերոբէ[ի]ն [270] ճամբայ ելած է եթէ ոչ դէպի նախկին փառքը գեղացիին կարծիքով ինչ որ պատահած է մէկ անգամ հաճի աղային, Աստուծոյ մէկ հրաշքն էր ու ա՛լ չի կրկնուիր , գոնէ նոր, միջակ հարուստներու ոչ-նուազ ապահով ու գեղեցիկ աստիճանին։ Այս դասակարգը ազատ է մեծահարուստներուն վտանգներէն։ Դասակարգն է անիկա, որ կը բարձրանայ, դանդաղ ու յարագնաց, առանց ժամանակին մէջ զգալի ընելու այդ ամբարձումը։ Չես կրնար ճշդել, թէ ե՛րբ կը սկսի ատոնց արմատ բռնելը։ Աչքի եւ ուշքի արժանի կ՚ըլլայ, երբ կը պատրաստուի ատաղձեղէնը գնելու։ Յաճախ չորս-հինգ եղբայրներու համաբազուկ աշխատանքն է, որ սաղմը կը դնէ այդ հարստութեան։ Քրտինքն ու զրկանքը՝ զայն ուռճացնող պարարը։ Գրեթէ միշտ աղքատիկ պատանութեան մը վրայէն անոնց ջանքերը իրարու կը զօդուին։ Անոնք եղունգներով, ակռաներով է, որ կորզած են հողէն, ի՜նչ յամառ հերոսութեամբ ու ինքնազրկման գնով, դեղին [271] մետաղը։ Ի՜նչ լաւ պահ դրած այդ ուժը՝ մամիկին ծոցին։ Ու հանած են իւղն ու մեղրը՝ ապառաժէն, այսինքն՝ չսպասուած տեղերէ։ Անոնցմէ՝ որոնք փուշերու եւ մորենիներու կը լքուին ու քարկտոց են նոյն ատեն՝ ինչպէս օձերու հանգստարան։ Հաճի Սերոբէն երէցը չէր աղբարներուն։ Անիկա շատ չնեղուեցաւ հողին հետ հաշտուելու համար։ Ու հողը զայն նորոգեց, թարմացուց, քիչ մը աւշային կազմին մէջ նետեց արիւն ու «աւազ» ու տարիներ ետքը զայն տարաւ հարուստներու կուշտին, ժամուն օտան, ուր կը վճռուին գեղին, ժամուն, դպրատան, տէրտէրներու, թաղականներու բարդ ու մեծ խնդիրները։ Ու ան ընդունեց եպիսկոպոս ու հորթ մորթեց իր անդրանիկ թոռանը կնունքին։ Ըսողներ եղան, որ անիկա, տարի մը-երկուք վերջը, պիտի վերականգնէր հաճի Արթինին պալատը։ Մտիկ ըրաւ խռոված, առնուած, տառապուն, բայց լռեց։ Ու չկրցաւ չերթալ երկրորդ Երուսաղէմը, ով գիտէ ի՜նչ ուխտերէ հերկուած։ Դարձին՝ գեղը ընդառաջ գնաց անոր մինչեւ կէս ժամ` նորոգելով պատմական ու կարօտցուած արարողութիւնը, զոր նուիրագործած է եկեղեցին, աւուր պատշաճի, բայց որուն կրօնական երեսէն դուրս աշխարհիկ ցուցմունքն է շահեկանը։ Հաճի Արթինին ողջուցը տեսնելու արժանի բան էր թափօրը։ Երկու հարիւրէն հինգ հարիւր ձիաւոր, երկշարք, կը կարապետեն քահանայական թափօրը, որ դպրոցի մանչերը զգեստաւորած կը քալեցնէ առջեւէն` իւրաքանչիւրին ձեռքերուն մէջ տեղաւորուած արծաթեղէն զարդ մը։ Ու կը հետեւին՝ ընտանիքին տունը մնացած անդամները` բոպիկ, ուրախ, լալով, իյնալու համար եկողներուն գիրկը։ Կ՚որոտան հրազէնները հինգ հարիւր բերան։ Կ՚որոտայ, զարկի դադարին, Նալպանտենց հաճի Արթինին նուիրած կոչնակը ու գեղը կը դղրդի։ Ու հաճի աղան, միշտ հայրը, բացած իր քսակները, որոնք չորս ձիերով կը հետեւին իրեն, ափ-ափ, բուռ-բուռ արծաթ ու պղինձ  --դրամ--  կը նետէ ընդառաջող ամբոխին։ Ասիկա մինչեւ մուտքը գեղին։ Հոն կ՚իջնէ անիկա ձիէն, սպառած բոլոր քսակները։ Կը հանէ կօշիկները, մոմ մը ձեռքին, գլխահակ, առանց աջ ու ձախ կանչերուն ականջը տալու, կը շտկի ժամ։ Իր ետեւէն ուղտե՛րը` հարսնեզարդ ու ծաղկաւէտ։ Որոնք կը մտնեն բակէն ներս ու ծունկի կ՚իջնեն գաւիթի դրան։ Անոնց բեռները, արծաթ, ոսկի ու մետաքս ու բեհեզ, կը քակուին հիացիկ ամբոխին դէմ ու կը տարուին ներս։ Կը բացուին ու կը վառուին կանթեղները։ Կ՚երգուի Լուսաւորեաց ը…։ Հաճի Սերոբէն ուղտ չունէր անշուշտ։ Բայց իր նուէրները դրաւ խաչափայտի ոտքին ու գոցեց արցունքով խղդուած իր աչքերը։ Իր թափօրէն կը պակսէին իր աղբարները, քոյրերը…։ Շատ բան ըսին` բացատրելու համար այս արցունքները։ Մէկը ամբոխէն շշնջաց. «Կարգը եկաւ սարայ ին [272] »։ Լսե՞ց։ Բայց ոտքի էր ու ժամուն զարդերէն անիկա վերացաւ պալատին։ Ու տեսածին ու յիշատակին մէջ գոյնի անանկ հանգիտութիւններ պարզուեցան, որ, չիյնալու համար՝ կռթնեցաւ տէրտէրին։ Էրիկ-կնիկ ու տղան դարձան տուն։ Անիկա տրտում էր «մինչեւ ցմահ» ։ Պալա՜տը։ Ի՜նչ առք էր, որ կը բացուէր իրմէն ներս։ Անոր արցունքը խոշորցաւ ու ձեռքը ծնօտին կը հեկեկար իր փառքի տագնապովը։ Անոր կինը դատեց չարի ուժերուն այդ թելադրանքը, կորովով ու հեռատեսութեամբ։ Պարզեց անոր աչքին ահաւոր ամիսը, որ անոր հօրը քառասունքը կ՚երկննար մինչեւ ու սանձեց անոր մէջ սադայէլէն փսփսացուած չար ատ փառասիրութիւնը։ Անիկա երդում առաւ էրկանը բերնէն, զաւակներուն գլուխին վրայ, «Աւուրանց դատաստան» [273]   մտքէն հանելու անօրէն ծրագիրը [274] ։ Բայց միջամտեցին աւերակին, վճռական ու ամուր։ Պէտք էր վերցնել այդ փորձանքի կտակը։ Մաքրեցին գետինը։ Կրակին բոլոր հետքերը մաքրուեցան խնամքով։ Վար իջան պատերուն ծուռումուռ մարմինները։ Փորուեցան հիմերը, խորայատակ ու ամբողջ` աշխարհք մը ծախք արժելով, վասնզի քարերը ինկած էին ու չէին զատուեր` չնմանելով մարդերուն, որոնց սիրտն ու մատները մէկտեղեր էին օր մը զիրենք։ Այսպէս հարթուած, յարդարուած, ընդարձակ աւերակը վերածուեցաւ պարտէզի։ Ու հոն մարմին դարձան հռչակաւոր դդումները` ձմեռնակ ու փառաւոր, փորով մը, որուն քով քիչ կու գային գեղին նշանաւոր պարարտները։ Ասոնց յաջորդեցին բանջարեղէնները, գլխաւորաբար կաղամբ, իրենց փիլիսոփայ գլուխներով եւ տանձի կոթ վիզերով` ծաղրանկարային ու յիմար։ Յետոյ՝ աւելի ուրիշներ, ընտանի եւ համեստ, բայց հասարակ։ Մինչեւ որ գեղին արդիացած, բարեկարգուած ճաշակը միջամտեց ու յաջողեցաւ, աւուր քարոզներով, կտրատել մեծ-փոր դդումներուն իշխանութիւնը ու անոնց յատուկ հողին մէկ մասը տալ ծառերու, անշուշտ աւելի ուշ նիւթի վերածուող, բայց աւելի ալ դիմացկուն։ Ու հասան, հետզհետէ` աճելով, չորնալով, ճիշդ գեղի տղոց պէս՝ դժուար ու անխնամ, նռնենիները, ծուռիկ ու փշուտ, որոնք «տարին հեղ մը հարս կ՚ելլեն», բայց կ՚ելլեն աննման, երբ իրենց թնճուկ տերեւուտքին ընդմէջէն արնագոյն իրենց բաժակները կ՚երկարեն արեւին։ Ու աճիլ առին գեղավարս ձիթենիները, նորատունկ ու ատով զերծ՝ ծառին ընդաբոյս դառնութենէն, ձանձրոյթէն, անուռ մարմիններով ու ճիւղերու համաչափ լարում ու պարուրումով, որոնց չափին, կերտուածքին ուշադիր կը հետեւէր ա՛լ ծերացած ու դաշտին փոխան իր պարտէզին մէջ կկոցուած հաճի Սերոբէն։ Անոր տղաքն ու թոռները մտքէ չանցուցին խախտել դդումներուն հինաւուրց փառքը ցանկապատերուն փէշերն ի վեր ու վար։ Ու անոնք եղան հոն իմ տղայութենէս ալ ետքը։ Չեմ զբաղիր Նալպանտենց հաճի Սերոբէին տղոցմով, որոնք իրենց հօրը առաքինութիւնները զարգացուցին ու պահպանեցին, ինչ որ անոր եղունգներովը խլուած էր աղէտէն։ Ու աճեցուցին ինչ որ անոր քրտինքովը յանձնուած էր հողին։ Հաստ, կոշտ գիւղացիներ` թիւով երկու։ Ընտանիքէն ժառանգած դասական աչքըլածութիւնը, չգոհացան իրենց կալուածներուն տուրքովը աւելին աչք չի հանե՜ր ու հասարակ բանուորի պէս, դպրոցէն շատ շուտ մեկնած, մտան աշկերտութեան։ Մէկը՝ համետագործի մը խանութին մէջ, թաղիքին ու փոշիին տուաւ մատաղութիւնը իր թոքերուն ու մեռաւ հարսնիքին չհասած, ոտքի վրայ, մոմի պէս հալելով։ Միւսը՝ տարի մը աշկերտ գնաց մօտի գեղ մը, պայտար վարպետի մը քով։ Պայտեց, ծառայեց, սորվեցաւ, եկաւ գեղը, կարգուեցաւ, յետոյ ջնջուելու համար կնոջը շուքէն, շատ նշանաւոր հաճի Սառայէն, որ տեսակ մը հաճի Արթինի ուրուականը պտտցուց ու ընտանիքին փառքը, պատկառանքը մեր օրերուն սեմին դարձուց, պայծառ, մեղաւոր, վճռական ու էրիկ-մարդ իր նկարագրովը։ Ու ընտանիքը կը մնար յարգուած ու լուրջ գերդաստանը գեղին։ Տոկոսով դրամ, հազարով ոսկիներ։ Ամէն տարի հարիւր հազար օխա աղուած ձիթապտուղ։ Տասը հազար օխա եղ` քսան համաչափ գուբերու մէջ։ Ուրիշ չորս հազար ալ նշանաւոր զոյգի մը մէջ։ Հազար օխա չոր խոզակ։ Ահա՛ տան առատութիւնը։ Այս անցեալէն, այս յուզումներէն, այս աւանդութիւններէն շինուած է մեր պատմութեան այս մասին աւագ դերակատար հաճի Աննան։

 

*  *  *

 

Նալպանտենց հաճի Աննան, ըլլալէ առաջ գեղին բարեպաշտ, խեր ը առատ, ձեռքը բռնուկ, մուշտակովը նշանաւոր ու մեծ մատին մուշտայ ովը [275] հանրածանօթ պառաւը, յայտնուած էր իբր զօրեղ, էրիկ մարդու հակումներով կնիկ մը, որուն լեզուն, հարսնութեան առջի տարիներուն իսկ, հակառակ հռչակաւոր հաճի Սառային էօրֆ ին, կը դառնար բերնին մէջ, առաջները ջաղացի լիսեռին նման, յետոյ ՝ փաթ-փաթ, առանց նկատումի, առանց կեղծիքի, ու ճուղապ (պատասխան) կու տար ու կ՚առնէր, առանց քաշուելու իր աղուոր մարմինէն, երբ դէմը ելլէր աղաներուն ու փաշաներուն։ Ան ունէր աջ ու ձախ նետուած, անմոռանալի անցեալ մը. [276] խռովահոծ ու ծեծուած երիտասարդութիւն, բայց առանց աղտի, այսինքն՝ առանց [277] որոշ ու [278] փաստուած մեղքի։ Խօսուած էր անիկա Նալպանտենց շեմէն, բայց ամուր անոր փէշերէն աղտը չէր կաթած։ Ու վարանում կար մարդոց դատումին, երբ կը մօտենային իր կեանքին այդ շրջանին։ Բայց չէր խօսուած անիկա, իր աղջիկնութեան, աղքատիկ տունէն ներս աշխարհք գալուն, հոն ճլտորելուն ու իննի դուռներուն, պռկունքը չբացուած ծաղիկի մը պէս նշանի կապուելուն։

 

Անոր ծնողքը, իրենց դասակարգէն հազար-հազար արարածներուն նման, վարսուած ապրեցան օրուան ապրուստին եւ զաւկներուն հոգերուն մէջտեղ։ Կեանքն է ասիկա առանց [279] կրակի, բայց առանց վէրքի։ Շինուած կտրոցէն վերի Աստծուն, առանց օղակի, առանց խոյակի, օրանի մը կամարակալին նման վերէն վար շիտակ։ Ուր պիտի չիյնայ դուրսին, աշխարհին ու մեծ արձակութեանց վտանգի [280] հովը։ Պիտի մեծնան, ծնին ու թաղուին։ Ու ոչ ոք պիտի նեղուի իրենցմէ։ Արդար, պարզ, սակաւապէտ՝ անոնք ապրեցան այսպէս կեանքի լուսանցքին, ինչպէս գրուած է ընել, ճակատին, այնքան մարդերու։ Արտ, մօր կամ հօր կողմէն, գեղին բոլոր դիրքերէն, որպէսզի տղաքը ունենան իրենց ցամաք հացը։ Այգի, աղուորն ալ, ծերն ալ, որպէսզի տղաքը ճիտերնին ծուռ չնային օտար հնձանին, ու ձմեռը, երբ ձիւնը քամէ օդէն վերջին պուտն ալ կրակի, անոնք, միշտ տղաքը, անուշին պնակը առջեւնին կրակի գոյն պուլամա ն [281] քսեն իրենց քիթին ու բերնին եւ հեգնեն սառը ու տապլտկին ձիւներուն կուրծքին։ Թթաստա՛ն՝ որպէսզի մանուին կիներուն լաչակը, այրերուն վարտիքը եւ աղջիկներուն գուլպայի երիզները։ Պարտէզ եւ ձիթաստան. մա՛նաւանդ՝ որպէսզի մայրը կաթին հետ պարպէ իր տղոցը ոսկորներուն խորը սրբազան հեղուկը, կանանչ կամ դեղին, որ կը քաղցրանայ, հեշտութիւն կ՚ըլլայ ու երազ կ՚ըլլայ անոնց պատանութեանը դուռներուն։ Ու տակաւին՝ լերան դին խոպան կտոր մը պահեստ, ուր պզտիկները, քիչ մը հասակ ճարած, պիտի սորվին բահն ու բրիչը բարտել։ Անշո՛ւշտ։ Այս բոլորը։ Բայց այնքան մը միայն, որ անոնց բերքովը կարենան կապել տարին տարիին, ո՛չ կուշտ, ո՛չ նօթի։ Բայց առանց պարտքի՝ ինչպէս առանց ալ զարդի, վայբերան ցոյցի։ Աւելի հոգեկան արիութիւն մը, որուն մօտ առաքինութիւններ ես հաստատած եմ մեր արհեստաւոր կարգին մօտ. ա՛ն՝ որ պիտի չըլլայ խորապէս ապականուած քաղքենին մեր կեդրոններուն։ Մեղքէն իր բոլոր փոփոխակներէն արմատապէս զգուշաւոր ու կարգապահ զգայարանքներ։ Ամէնէն աւելի խնամով հսկուա՛ծ սեռայինը։ Վասնզի աղջիկը չ՚ապրիր, այսինքն՝ սեռը չի պտտիր, հասուն ու ըղձաւոր՝ տղոցը աչքին, հազիւ կազմուած, ամէնէն շատ տասնհինգին, պատեան առնելուն։ Ու մա՛նչը, որ պիտի ձգուի՝ սեռէն ու հողէն, ու սպառելով ինքզինքը հողին քամակին, ատեն պիտի չգտնէ դուրս յուզումներու։ Ու հոգեկան զգայարանքներ, պարզ, քիչ, բայց բաւարար, փրկելու չափ անոնց հոգիներուն փխրուն կաւը՝ աշխարհի փորձանքներուն դէմ, տանելու չափ անոնց համբերանքը մինչեւ գերեզման։ Հալալին, արդարին, ճակտի քրտինքին արմատախոր եւ ծիծաղելի ըսուելու չափ խեղճ մտապատկերումը։ Հարամէն սարսափ, բայց այնքա՛ն մը, որ մարդիկ տառապին, դրացի ծառէն կուտ մը ձիթապտուղին համար, որ իյնայ իրենց։ Պիտի հանգչին անոնք, երբ ծռին, առնեն աննշան ու չոր ու որդնոտ ալ երբեմն այդ կուտը եւ նետեն օրինաւոր տիրոջը հողին։ Միջին տիպարը այն օրերու գեղացիին, հետզհետէ ա՛լ հազուագիւտ իմ շրջանիս` սիրելի եւ երանելի։ Վասնզի 10-20 տարուան մէջ մեր գեղերը 10-20 դար կործանումէ անցան, հոգեպէս ու բարքերու գիծէն։

 

Աստուած օրհնեց անոնց անկողինը եւ իր գոց ճամբաներէն տուաւ անոնց, մանչ թէ աղջիկ, առատ, ա՛յնքան՝ որ մահուան բաժինէն ետքը որ բծախնդիր եւ աննահանջ առնելիքուորի մը պէս կը զարնէ բոլոր դուռները, պզտիկներու հունձքին ատեն՝ իյնալիքները զատելու մէջ խիստ հոգածու, սովորաբար ամրան մէջերուն տունին մէջ մնաց կարեւոր գումար մը շունչի։ Երեք տղո՛ցը՝ երեքնակ հարսներ, եօթնէն սկսած՝ նշանի կապուած, ու լաւ հսկուած, աճումին նայուած, ու բաղնիքներով ու տան գործերով մէջքի ուժերնուն կշիռն ալ չափուած, երեքնակ հարսներ, անոնք բերին իրենց երեք տղոցը։ Դիւրին է ամէն բան, երբ պզտիկուց կ՚իյնանք ճամբայ։ Ու չորս աղջիկներն ալ անոնք երեսի ջուրով տեղաւորեցին, պայմանեալ տարիներուն, պայմանեալ օժիտով ու նուէրներով։ Ու խաղաղ ու շէն էր անոնց տունը, ուրկէ մահն անգամ խելօքիկ մտաւ, համով-հոտով շարժելով իր մանգաղը, առանց անողոք զոհի, կոտրելու համար ճիւղը, ուր կոկոններ կը դողան։ Յարգուած էին տարիքները։ Խնայուած՝ կանանչ կսկիծը պատանիներուն եւ նոր հարսներուն, տղաձգաններուն [282] ։ Կու գա՜ր, կը դպէր արդէն մոխրացած ծերերուն ճակտին ու վզին կոթին ու կ՚երթար, առանց աղմուկի։ Աննան՝ վերջինը աղջիկներուն, հասունցած էր արդէն, երբ անոր նշանածը` Բարակ Օհանը, գառնուկի պէս հեզ երիտասարդ, արկածով ինկաւ էշէն ու մեռաւ, հարսնիքէն ամիս մը առաջ։ Թաղեցին տղան փեսի լաթերով ու շար ը [283] ճակտին։ Մարեցաւ օճախը Բարակենց տոհմին։ Վերջինն էր անիկա տասներկու տղոց, որոնք բոլորն ալ հնձուեցան կանուխկեկ։ Ու գոցուեցաւ հսկայ դուռը, տղուն շանթահար մամային գլխուն։ Այս մահերը կան ու գեղին մէջ կը դիմանան միւսներէն աւելի։ Ու մէջտեղ մնաց Հոս-Մնամին Աննան` կոտրած բաժակի մը պէս։ Անիկա դատապարտուած էր փատնալու կամ շատ-շատ, հեռու, աղքատիկ գիւղեր, տուն մը զաւկի վրայ որբեւայրի պսակով հարս երթալու, ինչպէս կը վճռէ ճակատագիրը նման պարագաներու։ Վասնզի այդ տարիքներու վրայ, առանց նշանի աղջիկ ու տղայ ըմբռնելի չեն։ Ու օրէնքէն, կանոնեալ պայմաններէն ամէն շեղում պատուհաս մըն է եկած կամ գալիք։ Հաստատապէս տունը կը մնայ ա՛ն, որ աղջիկ, կը մտնէ տասնհինգ առանց նշանի, ըլլայ անիկա հարուստին, ինչպէս չքաւորին յարկերէն։ Բայց երբեմն կը միջամտէ բախտը` ողբերգութեան մը գնով։ Միշտ մահն է, խուժդուժ ու եղերական, որ կը հարուածէ սեռերէն մէկը ու այդ գնով միայն կարելի կ՚ընէ դժուար, անիծակուռ միութիւններ։ Ի՜նչ եսասէր ենք մենք, ուրիշներուն բախտը դատելու ատեն։ Կ՚անիծենք՝ չհասկնալով, որ կարենայ շրջիլ այդ բախտը խոնարհ շեմերու առջեւ։

 

Անոր մայրը չհաւատաց իր ականջներուն, երբ առտու մը լալագին աղօթքէ մը տուն դառնալուն, վար դրուեցաւ Ժամուն փողոցը` նոյն այն անկիւնը, ուր զետեղած էր անոր աղջիկը իր հաստախարիսխ յետոյքը մեր պատմութեան սկսած սա առտուն, Նալպանտենց հաճի Սառայէն, ա՛նկէ՝ որ երեք անգամ Երուսաղէմ ըրաւ, ու ոսկիին շարոցները, տաղաւարներուն, զարկաւ Նալպանտենց պատմական սենեակին պատերուն, երբ ընտանիքը, հաճի Սերոբէին մահէն յետոյ, երեւան բերաւ փոքր ընկրկում, արդիւնք՝ իր տղոցը շուարումին։ «Արեւ չտեսած» գանձերու այս ցուցադրումով հաճի Սառան ճաթեցուց իր էրկանը գիծէն բոլոր Նալպանտները եւ անոնց կիները… Հաճի Աննային մայրը չէր կրնար մոռնալ այդ օրը։ «Սիրտը փրթէր պիտի տեղէն» կ՚ըսէր յաճախ, հարսնիքէն ետքը, երբ առիթ ելլէր վերյիշելու անհաւատալի խսմէթ ը [284]. աղջիկ տա՜լ Նալպանտենց տունին։ Անիկա կը հաւատար մեռնելուն, բայց ոչ այդ հրաշքին։

 

Ու Աննային հարսնիքը անցաւ տրտում հովով մը։ Ոչինչ զարնող է աչքի այնքան, որքան այն կէս, կոտրած ոգեւորութիւնը, զոր իր խորքէն տաղտապուն թափօր մը կ՚արձակէ չորս դին։ Անշուշտ, ոչինչ պակսեցաւ բեհեզէն ու շարոցէն, թագէն ու ձիաւորներէն։ Անշուշտ, ոչինչ պակսեցաւ տունէն ներս, տունին առջին ու փողոցներն ի վար։ Նոյնիսկ քիչ մը աւելի՝ ամէն բան, հակակշռելու համար կէս այրի երանգը, զոր մահուան հովը կը զարնէ մեր երեսին, երբ անցնի քիչ մը շատ մօտէն։ Կիրակի՜ն [285] ։ Աւանդական բոլոր պտոյտներովը։ Բայց բանով մը կախ, դանդաղ, որ երեւան կու գար շարժումներէն։ Ու Երկուշաբթի առտու, երբ փարթամ պատարագէն ետքը հարս ու փեսի թափօրը շտկեցաւ տուն, տարօրէն ճոխ ու հնօրեայ գոյներու հանդէս մը բացած, հաճի Սառայի բոլոր պահծուներուն ցուցադրումովը, չես գիտեր ուրկէ՛ հրահանգուած, երգերն ու շարականները եղան մեղմ ու վախկոտ։ Քայլերը՝ զգոյշ եւ տխուր։ Գինո՞վ։ Պէտք էր չորս աչքով փնտռել այդ խենթերը, որոնք, ինքնակոչ, պաշտօնական, ամէն հարսնիքի հարուստի ժամուն դրան դէմ կը դնեն տամէճան ները [286] եւ տոլ-տոլ կ՚ըմպեն օրհնուած հեղուկը, հոգու խեր բաշխող ծերերուն նման եւ բռնի կու տան անցնող-դարձողին։ Անոնք պիտի հետեւին թափօրին, քիչ մը բացէն ու պիտի ձգեն իրենց զռինչը ա՛յնքան աւելի տպաւորիչ, տեղին, վաստկուած, ո՛րքան աւելի յիմար եւ ստենտորեան… գեղը դիւրազգած է մահուան դէմ, որուն հետ միայն կատակ չ՚ըլլար։

 

Նալպանտենց թափօրը, հակառակ բոլոր զգուշութիւններուն, հանդիպումը ըրաւ խումբի մը հինգ-տասը կնիկ , որ կ՚իջնէր վար գերեզմանի զառիթափ փողոցէն։ Հաշի՞ւ, թէ պատահմունք։ Ո՛րը որ կ՚ուզէք։ Կին մը, բոպիկ, ոտքերուն վրայ կանգնելու անկարող, վասնզի թեւերէն մտած էին երկու տրտմահար հարսներ, ձեռքին մէջ խենթի պէս շարժելով կրակին թին, որով կը տանին խունկին համար անհրաժեշտ կրակը, անցաւ առաջ։ Անոր թուլիկ ու ծուռիկ ոտքերը քարերը մագլահարեցին ըսես։ Շտկուեցաւ ինքն իր վրայ, տարածեց ազատ ձեռքը դուրս, վեր՝ դէպի կապուտը, կեցուց, մարգարէ ու խենթ՝ տէրտէրները, հարսնեւորները ու պոռաց բոլորին երեսին.

 

-- Խերը չտեսնաք։

 

Ըսաւ ու ինկաւ ծունկերուն վրայ ու մնաց մարած։ Անոր վշտին մեծութեանը դէմ, ամբողջ թափօրը մտքով փոխադրուեցաւ ամիս առաջ հող իջած Բարակ Օհանին։ Այս մտապատկերը, իր տղուն դիակին ետեւէն, քաշկռտուելով ու տասը քայլին հեղ մը նուաղած ինկող չորցած մայրիկին, քայքայեց արդէն կիսկատար զուարթութիւնը, դպաւ տղոց իսկ աղիքներուն եւ սթափեցուց գինովցուները, որոնք խփեցին փոքր իրենց մռլտուքն ալ։ Սառեցաւ երգը տիրացուներուն։ Ու փրթաւ շուրջառը տէրտէրին ուսէն։ Ոչ ոք մտքէն անցուց մեղադրել անիրաւ կինը։ Բայց մա՛նաւանդ ոչ ոք մտքէն անցուց հարուստին ի թեր ջուխտ մը բառ հանել իր բերանէն։ Դժբախտութիւնը երբեմն մերկ է սուրի մը նման եւ արդար։ Ան կը զգետնէ` առանց հաշիւ [287] տալու։ Վերցուցին, հարսնքոյրերը, ձգած թեւը հարսին, մայրը Բարակ Օհանին, լալով ու աղուոր։ Չտեսան հարսը, քողը թանձր էր շատ։ Բայց տեսան փեսան` բարակ ու տրտում, որ պուտ մը արցունք կը սրբէր շարին ծայրովը։ Բայց չկրցան քալել։ Վասնզի ուրիշ մը՝

 

-- Խերը չտեսնաք, - կրկնեց անդիէն։

 

Մայրն էր մատաղ աղջկան, որ պէտք էր քալէր այս թափօրին հետ, փեսային քովէն, թագ ու պսակով, Աննային տեղը, որ հողերը առած կը պառկէր վերը։ Գեղին հարուստ տուներէն այս կնոջ անէծքը տպաւորիչ էր նոյնքան։ Գուցէ չէք գիտեր, որ Նալպանտենց Կարան, տասը տարի նշանած մնաց այս կնոջ զաւկին։ Որ՝ տասը տարի Մօրուքենց տունին պատուըւած, փառաբանուած խնամին եղաւ հաճի Սառան։ Որ՝ երեք ամիս առաջ վարդի պէս քնքուշ ու զմայլելի աղջիկը Մօրուքենց տունին, կախեց ինքզինքը Պրուսայէն դարձին, ուր գացեր էին օժիտը կտրելու։ Ըսին խենթեցաւ։ Ըսին խաբուեցաւ։ Ըսին ու ըսին։ Ու թաղեցին գեղ մը աչքերուն անհուն լացին մէջ։ Ոչ մէկ ձեռք կը համարձակէր այդքան գեղեցկութիւն յանձնել հողերուն։ Ու ժամ մը ամբողջ իր դագաղին մէջ, տապանին խորը անհող մնաց ան…

 

Ու զոյգ անէծքները տպաւորեցին։ Երբ լացուորներու փոքր խումբը քաշուեցաւ ու հատաւ քովնտի փողոցն ի վար, տեսնուեցաւ, որ շատ աւելի տրտում բան մը կը քալէր հարսնեւորներուն հետ։ Կեցաւ թափօրը Նալպանտենց դուռին, սաչու ին [288] համար։ Այն ատեն էր, որ հակազդելու համար սա սրտաբեկութեան ու, մա՛նաւանդ՝ խերով ընելու համար հարսին մուտքը, տանուտէրը` հաճի Սերոբէին տղան, քառսուննոց Նալպանտ մը, արհեստն ալ պայտար, անունով ու յիշատակով ջնջուած՝ մեր օրերուն, մէկ ոտքը սեմին, միւսն ալ դուրսը, իր ու [289] ամբողջ գեղին է՛ն նշանաւոր ձիթաստանը նուիրեց հարսին։ Հաճի Արթինին սիրական ու ազնուական պարտէզը ուր կուսակալն ու վէզիրը օղի են խմած եւ ոսկեձուկ կերած չպլախ (մերկ) Աննայի՜ն։ Ատիկա անակնկալն էր, Նալպանտենց արիւնէն սպասելի խենթութիւն մը։ Չէ՞ որ Յուդայի գիծն ալ ունեցաւ ամբարիշտ արքաներ։ Տէրտէրը՝ հաճի Արթինը շատոնց նոյնացուցեր էր Յակոբ նահապետին, որուն տղոցը գիծն ալ զետեղած դասական պատմումին ակօսին։ Հաճի Սերոբէին գիծը՝ Յուդայինին։ Մնացեալ տղոցը՝ Իսրայէլի, այսինքն՝ ի վերջոյ սամարացիներունը, որ մեր գեղին բարբառով հոմանիշ էր գնչուներուն։ Այս անակնկալը բաւեց` վանելու համար տրտմութեան հովը։ Հարսնիք մը կանգուն է հարսնեւորներով։ Կու գան, կ՚երթան, կ՚ուտեն ու կը խմեն, բայց հիմնական դերը այս կարգի նուիրանքներու տարփողումն է։ Պոռացին՝

 

-- Ապրի՜ Նալպանտ օղլուն։

 

Պոռացին՝

 

-- Ապրի՜ փեսան, ապրի՜ հարսը։

 

Ու, միշտ հակառակ օրէնքին, հսկայ կատոզներով պատկառելի բակին մէջ անոնք, հաճի Սառային փառաւոր դէմքէն եւ արդուզարդին ծանր, հոտոտ ու քիչիկ մը խելք խառնող հոսումներէն խենթեցած, ըրին անժամանակ պարը, գիշերէն առաջ։ Դուռ-դրացիներ, բարեկամներ, ծանօթներ տակաւին ժամ մը բացատրեցին հսկայ նուիրատուութեան տարողութիւնը։ Բոլորը, ու բոլորին վրայէն, անշուշտ գեղը, բացի Նալպանտ իսրայէլեան շառաւիղներէն, որոնք Աննային անունէն [290] տարիներ չզատեցին վիրաւորիչ վերադիրը, չպլախ ը երանի տուաւ Հոս-Մնամին աղջկան, որ այդ իսկ ձիթաստանով, անուն մը կը դառնար։ Իրաւ է, թէ ոչ ոք մտքէն անցընէր պիտի գովել հարսին աղուորութիւնը։ Այս բառը աղիտաւոր է. ու չարագուշակ ճշդութեամբ մը, այդպէս արտակարգ բխումներ աղջիկներու միսերէն կը խղդուին շատ կանուխ։ Տասնհինգին հարս աղջնակ մը սանկ ու նանկ հաւաքում մըն է գիծերու, երբեմն պուտ մը կրակով՝ աչքերուն ծիրէն։ Այնպէս դէմքի կախարդանք, ինքնացում ու դիմացէն քաշել մը կը պատուհասուին։ Այս է պատճառը գուցէ, որ կանուխ կը կարգենք զանոնք։ Առաջին մայրութիւնը արդէն կը տանի ապագայ զառածումը գեղեցկանալը ուրիշ բան չէ կեսուրներու կարծիքով, առնուազն ամլացում ու երկրորդն ու երրորդը հիմնովին կը խախտեն մեր միսերուն ստանալիք այդ բիւրեղացումը։ Ադամանդը հրաշքի մը գինն է. ու աղուոր կի՛նը՝ գեղերուն մէջ մօտիկը դրէք ադամանդին։ Ու աղուորութիւնը ծածուկ է միշտ քսանէն առաջ։ Դուք գիտէք Նալպանտենց հարսները, որոնք գեղին հաստարիւն, քարի պէս դիմացկուն աղջիկներէն առնուեցան։ Որոնց ծոցերը դեռ տրեխ ու մանած կը հոտին յիսունէն ետքն ալ, բայց տուն կը բնակին միշտ երկու յարկով, եւ կատոզ ունին։ Բախտը չլքեց սակայն Աննան այս գետինին ալ վրայ, ու յայտնեց անոր հարսնութիւնը սրտառուչ շնորհով մը։ Աղքատիկ անոր արիւնը բաւեց գունաւորելու չափ առջի հարսնութիւնը։ Ու հարսանեկան [291] թափօրին մէջ, գուցէ դարաւոր զգուշութեան մը գնով՝ դիտմամբ, հաստ քողերու փաթաթին տակ, տգեղցուած հարսնուկը, քանի մը շաբաթէն, կը բացուի լրիւ ինչպէս ծաղիկը իր պատեանէն։ Ամէն հարս աղուոր է, բառը առնելով ընտանի իմաստէն ձեւով մը։ Բայց Նալպանտե՞նցը։ Անշուշտ չէր կրնար ըլլալ այն յանկուցիչ կինը, զոր [292] ազնուական արիւն մը հնօրեայ իմաստով, ուր մեծ մոլութիւններ, նոյնքան մեծ առաքինութիւններ, հոգեկան ու մարմնական հազուադէպ աղբերացումներ, դարաւոր ընտրութիւն եւ աւանդութիւն իրենց նպաստը կը նետեն բարակցուցած է մեղմով՝ միսերուն ալապաստրը, առնելով անկէ ինչ որ ցամաք հացը իբր կրացում կը բանի հիւսուածներուն ծոցը, եւ աւելցուցած լեզուի՝ ինչպէս աչքի, կորագիծի՝ ինչպէս ճարտարապետութեան քաղցրութիւններ։ Շատ հեղ կիներ կը նմանին քալելու ելած ճարտարապետական ձեւերու։ Աւելցուցէք՝ դրամին[ին] [293] ալ հե՜ւքը։ Ինչե՜ր չէր ըրած դրամը, մա՛նաւանդ անոր թելաւոր մասը, կիներուն միսը խենթեցնող յուռութքներու վերածելուն չափ։ Ի՜նչ էին Աննային միւս քուրուըտանքը, [294] թափօրին հետ, եթէ ոչ կաշի մը եւ ոսկոր մը, քանի որ բոլորն ալ պսակին տարին հազիւ աւարտած, վաղահաս յղութեամբ մը կը խախտուէին առաջ արգանդէն, յետոյ՝ իրենց հրապոյրներուն հէնքէն ու, գործի, մուրի, աղքատութեան մէջ՝ չբացուած կը թառամէին։ Այսպէս դատեց անշուշտ, առանց ինքզինքը անիրաւ ընելու զգացման, գեղին միջին խղճմտանքը, տեսնելով թափօրին մէջ անոնք ալ, գիրկերնին մէյ-մէկ տղայ, երկ-երկու ալ փէշերնուն, աղտահար ու տժգոյն, խնդալու իսկ վախնալով, ծիծաղելի չըլլալու յայտնի ճիգին մէջ` ընելով իրենց բերանները տարօրէն բաց, ու աչքերը՝ անարտայայտ ու տափակ։ Բայց ամիս չէր անցած։ Ու ահա ոսկիներու անուանի շարոցը, ուր քանի մը թագաւորներու դրամները դժուար չէր հաստատել գիտցողներուն կարծիքով, ա՛ն՝ որ Նալպանտենց Սառային հարսնութիւնը ըրեր էր այնքան ծեծուած, խօսուած, ու վէճերով, լեզուագարութեամբ [295] յիշատակելի, փոխադրուած էր Աննային վիզին։ Ու շարո՜ցը, որ անցած էր գեղին երգերուն՝

 

Եօթն աշխարհէ եօթը խաթար

Հաճի Սառան հագաւ-հագաւ

Չը կշտացաւ…

 

ու կը խօսէր եօթը մարդոց առնութիւնը խորհրդաւորող իմաստով, որոնք մօտեցած ըլլալու էին գազան այդ կնիկին։ Շարոցը բացաւ Աննային վիզին պղտոր դեղնութիւնը ու ճերմակ ըրաւ անոր երեսները, դալկացնելով աստիճան մըն ալ՝ իւղով չսնած անոր այտերուն գունատ փայլը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ տեղին համեմատ ոսկին գոյն կու տայ։ Ու տեղին համեմատ՝ աւելորդն ալ կ՚առնէ։ Փոփոխութիւնը չփակուեցաւ միայն անոր այտերուն։ Երուսաղէմէն ով գիտէ ի՛նչ սուղ ու կրակ գիներով հայթայթուած, հաճի աղայէն ձեռնուած ու հաճի Սառային սնտուկին մէջ տարիներով փափկացած ու թաւշացած ազնիւ քողեր, հնօրեայ, նշխարի պէս օտարոտի, որոնք անոր հասակն ու լանջքը կը հիւսէին անդիմադրելի վայելչութեամբ։ Այսպէս շաղապատուած՝ անիկա քնքուշ էր եւ համբուրելի, ինչպէս հաւկիթէն նոր ելած ձագուկ մը, եւ իրաւացի կ՚ընծայէր գեղին մէկ ուրիշ վարկածը, որ դէմքերն ու տարիքը կ՚ենթարկէ թաւիշին ու զարդարանքին։ Բախտը սակայն հոս ալ չթողուց Հոս-Մնամին աղջիկը (անոր էրկանը կողմէն ազգականները մինչեւ իր մահը ուրիշ անուն պիտի չտային։ Դուք գիտէք վերադիրը, որ տասը տարի դիմացաւ։ Բայց մականունը երբէք անունի չիջաւ)։ Անոր պարոնտատը ` հաճի Արթինին անարժան թոռը, որ իր հարստութիւնը պիտի ուզէր փորին զնտանը բանտարկել, աւելի ապահով տեղ մը չգտնելուն, եւ էշ կը պայտէր, չխրտչեցնելու համար արհեստին փիր ը [296] ու գրեթէ աղքատ կը ծախէր ինքզինքը, ոսկին պարկերով շարած ըլլալուն հակառակ (ինչեր չի շիներ ժողովուրդին երեւակայութիւնը) ու բեռներով կը հայհոյէր աշխարհին, ու ամէնէն շատը՝ հօրեղբայրներուն ու անոնց տղոցը, իր ժառանգը կարգելէ ետքը առքով ու փառքով, ոչ ուրիշներու պէս արտ ու այգի ծախելով, ինչպէս քիչ-քիչ ընելու կը մղուէին մարդիկ, միջ-գերդաստանեան մրցմանց կրկէսէն (աղբօրը կնիկը նախանձէն կը ճաթէր, եթէ աղբօր կնիկը [297] հաճի չունենար), հաճի ածականին ետեւէն, [298] մեկնեցաւ Երուսաղէմ, հարսովը, տղովը: [299] Իր կինը, որուն հետ կռիւով աւելի օր ունեցաւ, քան թէ հաշտութեամբ, միասին, այս անգամ, զայն երրորդ անգամ հաճի ընելու փառքը իրեն ունենալու սնապարծութեամբ։ Աննան նոր հարս էր, տարուընակ ու փոքր։ Գեղ դարձաւ պայտարը` մեռնելու համար տարի մը ետքը։

 

Անոր կինը` երիցս հաճի Սառան, էրկանը ճողելէն [300] ետքը պարտաւոր եղաւ ապրելու իր հաճի հարսին ու, աւա՜ղ, պէտք է աւելցնել նաեւ իր հաճի տղուն հետ, զոր խոշտանգումով, ծեծ ու փէտով կատու էր ըրած, տասնհինգ տարեկանին իսկ դեռ վարտիքը ինք կապելով, պոռալով, թքնելով, հայհոյելով քիթին ու բերնին, եւ «իշու կօշկակար» (մեռած եղբօրը յիշատակն ալ կը քակորուէր գազան կնիկին բերնին մէջ ու կ՚ըլլար «իշու դերձակ») անոր հօրը գլխուն թափուելիք անէծքները մրճելով, կռանելով, սրելով անոր անմեղ ճակտին։ Տարօրինակ է գեղացի կնոջ այս գիծը։ Խորթի-խասի կռիւներո՞ւն արձագանգ, որոնք գեղին տուները բռնկած փուռի կը վերածեն, թէ խառնուածքի հեղում՝ այս անգթութիւնը, այդ ջոջ տուներու մայրերէն։ Զաւակը արգե՞լք, թէ դառն յիշատակ։ Օտարին անկողինէն վերցուած ամօ՞թ։ Ի՜նչ գիտնամ։ Կային այս մայրերը։ Ու կ՚անիծէին, առանց պատճառի, կը սոթտուէին ու դուրս կ՚ընէին իրենց տղաքը, մա՛նաւանդ՝ երբ չդաշնուէին անոնց հարսներուն հետ։ Սանձարձակ, էրիկ-մարդ, խորապէս էգ՝ հաճի Սառան քամած էր էրիկը` շէնք-շնորհք կնիկ մը չեղած, այսինքն՝ երեսունի դուռներուն։ Ու անոր մագիլներէն դուրս ինկածը, հաստ-փոր ու անկարող հիւա՛նդ, որ սափորներով ջուր կը կործէր փորին եւ գոմշու չափ, չըսելու համար ժամերով, կը շռէր ու կը հոտէր, ապրեցաւ կէս խենթ ու կէս խելացի։ Գեղը հիւանդ վիճակը չի հասկնար 20էն 60։ Ու չհասկցան։ Բայց անոր կինը արծեցաւ ` սանձը գլխուն ձգուած մատակին նման։ Գէշ խօսողներուն պապանձի լեզուն։ Բայց չպակսեցան ու դուք չէք մոռնար խաթար ին երգը։

 

Հաճի Սառան էրկանը մահէն ետքը, քառսունին մօտիկ, հաւաքեց իր սանձերը, թերեւս ապաժամ զգաստութեամբ մը, թերեւս խթանուած, խոցուած իր սնապարծութեանց մէջ` ընտանիքին գերագոյն շահերուն զոհելով իր ազատութիւնը։ Այս կենակցութիւնը, որուն վրայ գէշ մարգարէները խօսեցան այնքան հեգնութեամբ, եղաւ այնքան սեռն [301], որքան չէր ներելի սպասել գուցէ։ Հաճի Սառան կու գար սերունդէն շատ նշանաւոր արիւնի մը, որ տուած էր հոյակապ, բայց ամբարիշտ կիներու շարան մը, մեծ մասը համբաւ ի գացած իրենց մեղքերովը, յանդգնութիւններովը, երբեմն մեծասարսուռ ոճիրներովը։ Սովորութիւն էր այդ կատաղի պառաւները կը ճանչնաք՝ քիչ չափով՝ անոնց կնիկութեան շրջանը Վերջին դատաստանի պատկերին մէջ հանրածանօթ նժարին [302] ձախ աչքը դնել, աջը յատկացնելէ վերջ Հայրապենց այրերուն։ Չըսի ձեզի, թէ Նալպանտենց հաճի Սերոբէին առաքինի կինը ստիպուած նշան էր տարեր անիծից արմատ այդ տունին ճիշդ այն պայմաններէն, որոնք կրկնուեցան հաճի Աննային համար ալ։ Ու ամօթով մեռած էր օրհնուած կինը ` գուշակելով աղտը, որ կախուած կը մնար հաճի Արթինին սենեակին ձեղունէն։ Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ, մեղքի մէջ այս առատութիւնը, վայելչութիւնը, մա՛նաւանդ հասարակաց կարծիքին վրայ թքնելու լրբութիւնը։ Գեղը շատոնց զբաղած է այդ աղէտներով, զատած անոնց ծնունդը, հնարելով այդ անպատկառութեան համար անջատ գաղթ, անջատ կեանք, թերեւս գնչուի արիւն։ Դիտուած է, որ անոնք հաշտ ապրած են թուրքերուն հետ ու սիրուած անոնցմէ։ Ու պղծութիւնը զանոնք արժանացուցած է Սամարացի [303] պիտակին։ Ու չէին ամչնար։ Մեղքի՝ ինչպէս աղօթքի, չարիքի՝ ինչպէս խեր ի մէջ անոնք կու գային առաջին գիծի։ Անոնց ոճիրներուն մէջ գերակշիռ էր մեծ հանդարտութիւն մը։ Անոնց ճակատը, մշտակնճիռ կը պարզուէր միայն կռուին արձակութեանը մէջ, կռիւի՛ն, զոր չէին ըներ, այլ կը կրէին, տեւական, իրենց վրայ, ինչպէս գեղեցիկ, խռովիչ մուշտակ մը, ինչպէս ցանկագրգիռ մանեակ մը։ Ու անոնք իրենց էրիկները խաբելու համար օտարին ու ծանօթին, աժեմին ու չաժեմին հետ, չէին իսկ սպասեր քիչ մը հասուննալու։ Այս ճամբուն վրայ՝ մռայլ առհաւութիւն մը, գուցէ, որ զանոնք նման կ՚ընէր չորս ժամ հեռու լեռներուն մէջ կորած ուրիշ գեղի մը կիներուն, չոր, կռնծած, բայց տարօրէն վառ արգանդներով, խորապէս լպիրշ, ագռպիղծ, ու մեղքին մէջ տուն-տեղ եղած։ Երբ ուրիշ գեղերու մէջ կիները ապրեցան այնքան զգաստ ու քիչ, հոդ ինչո՞ւ այսքան սանձակոծ կը ներկայանան։ Հաճի Սառան խօսեցուց իր վրայ` մարգարէութիւններն ու սաղմոսները լեցնելու չափ։ Ան չունեցաւ ձեռնարկ, ուր յաղթանակին հուրքը զինքը չնետէր բռնութեան ու գարշութեան։ Գուցէ զարմանաք [304], դուք՝ որ այս տողերուն հետ կը պատկերէք խելօքիկ գեղը, սանկ ուռիներով հովասուն, ու եղկօրէն զգայնական։ Կայ անշուշտ այդ գե՛ղը։ Բայց ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ, անիկա կը ջնջուի ու իր տեղը կու տայ այս մեգերաներուն շինած տեսարանին։ Հայ գեղին աւանդական պատի՞ւը։ Բայց ո՞վ կը դպի ատոր։ Կամ ո՞վ [305] է տեսեր, աղքատիկ, հացի կարօտ կամ հոգեպէս աղքատ ու անկշիռ տուներէ դուրս։ Իմ օրերուս, հարուստները իրարու կնիկ կը հալածէին լրբութեամբ մը, յանդգնութեամբ մը, որ անդին կը ձգէ ամօթխածութիւնն ու գրողի, գոնէ՛ գիրքերէն աշխարհ դատողի իմ զարմանքս։ Ինչո՞ւ։ Բայց այդ մասին աւելի ուշ։ Հաճի Սառան, երեսունի դուռներուն սանձահարած էր էրիկը։ Ու սանձահարեց մա՛նաւանդ Իսրայէլ Նալպանտներուն լրբութիւնն ու լեզուն` անոնց դէմ հանելով իրը, խաթարովը, մուշտակովը, տոհմին վայելչութեամբը։ Յաղթական իր բոլոր փափաքներուն մէջ, տարիներով տունը՝ ինչպէս էրիկը, խնամիները՝ ինչպէս մէջ-դրացիները անիկա վրիպեցաւ միայն իր հարսին վրայ։ Մե՞ղքը։ Բայց անոր հարսը ունէր մեղքերուն մեղքը, տունն ու տեղը աւերի, մոխիրի տանող մահացու մեղքը աղջիկ բերելու ։ Ո՛վ գիտէ ի՛նչ անէծքի հնազանդելով մարդիկ շուտով կը մոռնան պառաւներուն անէծքը հարսին արգանդը, իրարու ետեւէ, տարիուկէսական ընդհատներով [306] աղջիկներ տուաւ, անուշիկ ու բաց մորթով, շնորհալի ու նուրբ, կապուտաչուի ու շէկ։ Ոչ մէկը մեռաւ անոնցմէ, հակառակ պառաւին սպասումին ու յայտնի ձանձրոյթին։ Ու քանի ՛ աղջիկները կու գային, ա՛յնքան կ՚աւելնար հաճի Սառան իր անյատակ կատաղութեանը մէջ։ ԱՆԻԿԱ ՄԱՆՉ Կ՚ՈՒԶԷՐ։ Պատճառնե՞րը։ Բայց որքան որ կ՚ուզէք։

 

Մանչ կ՚ուզէր, գլխաւորաբար, աւրուած ըլլալուն Նալպանտենց կիներուն հետ, ինչպէս պարտականութիւնն է ըլլալ, ինքզինքը հաւնող, բարի քրիստոնեայ, տորպա [307] ամէն կնիկի, բայց մա՛նաւանդ սարսափելով այն օրէնքէն ժառանգական եւ նման խնդիրներու մասին շէրի ն է, որ կը վճռէ։ Ու շէրին առաձիգ է մարդոց քսակին համեմատ, բայց անպայման կը դառնայ իր ոսկի [308] ծաւալին , որ անարու մեռնող եղբօր մը ժառանգը կը զլանայ քոյրերուն [309], եւ կը փնտռէ, արիւնին գնով՝ արուները, այսինքն՝ հօրեղբայրները` դիզելու համար անոնց գոգը մեռնողին հարստութիւնը։ Դուք կը ճանչնաք Իսրայէլը թշուառական, Ս. Գիրքին, ինչպէս տէրտէրին բերնին մէջ։ Ու հաճի Սառան, մազերը փուշ-փուշ, աչուըները կորտան-կորտան [310], անտիպ ու միայն տօնական օրերուն լոյս տեսնող անէծքներով կը դիմաւորէր Իսրայէլին ամբողջ ոտնձգութիւնները։ Անոնք երաշտութեան տարիներու կովերուն նման ա՛ս ալ տէրտէրին դարբնած պատկերներէն հակառակ իրենց առաջացած տարիքին, ծալուած երկու՝ բահին ու բրիչին վրայ, անօթի չճաթելու համար՝ ստիպուած էին հերկել խոպան բլուրները, բայց աւելի հեշտ սահմանակից ու միջ-ընտանեկան հողերէն գողնալ անդադար, իրարու դէմ՝ զատ-զատ, հաճի Սերոբէին շառաւիղին դէմ՝ հաւաքաբար։ Ու անիկա առանց խպնելու, բիրտ, հայհոյելով թոխումսըզ ամճայ ին (երկու զաւակը՝ սեռին երեսին նախատինք էր եւ համարժէք ամլութեան)։ Ու ահաւոր, ու շատ անուանի՝ անոնց այս ախորժակը, զոր հաճի Սառան, կռիւներու ընթացքին, կը նմանցնէր աղուէսներուն եւ շուներուն, գէլերուն եւ գերեզման փորող գազաններուն անկշտութեան։ Բայց անոնց կինե՜րը։ Անոնք դեռ երրորդ աղջիկէն, նոյն այդ հրապարակային բախումներուն, չէին քաշուած իրենց սպասումները բանաձեւելէ։ - Որո՜ւ պիտի մնար Նալպանտենց Սերոբէին վարն ու վարէթը (կալուած)։ Ձեռնարկե՞ց անլուր արարքին, զոր ծերերը շատ աւելի ետքը բանաձեւէին պիտի, հաճի Աննային իբր վարպետ ոգեկոչելով պոռնիկ կեսուրը հարսը տան ծառային ծոցը թխմելու անլուր արարքին։

 

Իրականը, այսինքն՝ ամէնուն գիտցածը ա՛ն է, որ այս կարգի յուզումներու, ծեծկըւուքի ընթացքին էր, որ մեռաւ հաճի Սառան, յանկարծահաս ցաւով մը, որ ատեն իսկ չթողուց անոր աչքը գոցելու եւ բանալու։ Ճաթած էր անիկա չորրորդ աղջիկէն ետքը, կնունքէն ելլելուն, մազերը քրիկ-քրիկ փետտելով Իսրայէլի կնիկներէն մէկուն, որ հեգնութեամբ, պռկունքով, աղտոտ ծիծաղով անոր աչքն էր լ[ու]սեր [311], ժամ մը բազմութեա[ն] [312] դիմաց։ Ի՜նչ կատաղութեամբ ան ինկաւ վրան, բայց ա՛լ չելաւ ոտքի։

 

Ու անոր ատելութիւնները, օրհնէնքն ու անէծքները, մա՛նաւանդ անոր ահաւոր յամառութիւնը, յստակ ու հարազատ՝ փոխանցուեցան հաճի Աննային։

 

Անոր էրի՞կը։ Նալպանտենց հաճի Կարան ։ Գառնո՛ւկ, սխալեր մանչ էր ծներ։ Գոնէ մօրմէն ունենար, երբ ստուերն իսկ չէր հաճի Արթինին։ Կ՚ըլլան աս տղաքը, քիչ մը ուռած-փոր, խայտ [313] դեղնոտ երես, խոր, տխուր աչքեր, անհուն քաղցրութեամբ։ Անշուշտ անծանօթ ցաւ մը տուն-տեղ է դրած անոնց ոսկորներուն բաւիղները, բայց ո՜վ իմանայ։ Կը պառկին, կ՚ելլեն, արբունքի կը հասնին, միշտ աւելի քիչնալով։ Ըլլային հազը, մսուքն ու քրտինքը, գեղացին կը դատէր։ Բայց ի՛նչ անուն դնել այս չքալող երիտասարդութեան։ Բախտ էր, որ ունեւորի զաւակ, գեղացին այսպէս կը խորհի, անիկա պիտի չխաշէր հողերուն, հովերուն բերնին։ Ի՞նչ գիտնար, թէ այդ ոսկորները հիւանդութիւնն ունէին ոսկիին, առատ սնունդին։ Ան համակերպած իր դժբախտութեան, փակեց հօրը խանութը, ուր տիրացու, տէրտէր անդադար ժամ, պատարագ կ՚ընէին, երգելու իրենց մոլուցքին քիչ գտնելով օրինաւոր պահերը արարողութեան։ Ձայնը Նալպանտենց ժառանգական տուրքերէն կարելի է նկատել։ Ու սիրեցին երգողները։ Սեղմեց հարստութեան փայլը, դուրսին վրայ շուք տուող ու աւելորդ հոգեր պատրաստող։ Շատնալու վրայ էին գողերը, մինչ տուները չէին հաստնար իրենց պատերէն։ Ու ամփոփուեցաւ իր հողերու տնտեսումին։ Անիկա քաղցր էր, ինչպէս մէջ–կնկուկ [314] մը, բարակ ու բռնուած մոյնքով եւ մեծ հօրմէն ունէր եղունգը [315] անոր ու նման անոր չէր փախցներ ոչ մէկ արարողութիւն։ Ամէն մարդ գիտէր անոր ուզածը Ամենակալէն։ Ու անիկա իր ծնողքին քէնը տարաւ, վայելուչ սուգի մը պէս, Իսրայէլին դէմ։ Զգուշացաւ կռիւէն, որմէ ազատելու համար, ամէն առտու Հաւատով խոստովանիմ էն երեք տուն կ՚աղօթէր, երեսը լուացած պահուն։ Բայց չկրցաւ սանձել իր կինը, որ իր երիտասարդութեան ամբողջ փթթումին մէջ, իր մուշտակին հեքիաթովը եւ իր բարիքներուն բազմաբեղուն աղբիւրներովը հակապատկերը կ՚աշխատէր կազմել հաճի Սառային, բայց մա՛նաւանդ փրկել գռեհկութիւնը իր ծագումին։ Գիտէք Իսրայէլին չարութիւնը, բայց չէք գիտեր տառապանքին չափը հաճի Աննային։ Զինքը իր հասակէն վեր տեղեր նետող մղումը ճիշդ կ՚ըլլայ, երբ փնտռենք [316] իր բեկումին մէջ, [317] Նալպանտենց անունին անարժան դասուելու դառն արհամարհանքին մէջ, որ գլխաւոր զէնքն էր կռիւներուն։ Այս սարսափէն կը մեկնի գուցէ իր ծնողքը վեր հանելու հազուադէպ որոշումը։ Աղջիկները մէրանցը տունէն կը կրեն եւ ոչ թէ հոն կը փոխադրեն։ Հաճի Աննան օգնեց իր ծնողքին, տեւական ու խելացի կարգադրութիւններով, իր կալուածներուն մշակումին մէջ անոնց մասնակցութիւնը վերածելով կիսնորդութեան։ Ու հողազուրկ Հոս-Մնամին երկաթէ բազուկները քառապատկեցին արտերուն արդիւնքը եւ երիտասարդ ըրին ա՛լ անցած մարդը։ Վասնզի բանողին համար չկայ վայելք մը, որ փոխարինուի բարեբեր հողին, երբ արդիւնքը կ՚երթայ սեպհական մառանը։ Ու խլլոտ [318] Հոս-Մնամը քիչ-քիչ դէմք դարձաւ, ու անոր տղաքը սկսան ուղիղ քալել, բարձր խօսիլ, սրճարան յաճախել գոնէ տօնական օրերու` ոտքերնին կօշիկ, կռնակներնուն [319] չուխա, մէջքերնին երկու թիզ գօտի։ Այս բարգաւաճումը զինաթափ չըրաւ Իսրայէլը, ոչ ալ՝ հաճի Աննան։ Այս ամէնը երկրորդական կը մնար անոր հիմնական մտահոգութեան քով։ Անիկա մանչ կ՚ուզէր։ Կ՚ուզէր կատաղութեամբ մը, կարօտով ու երկիւղածութեամբ մը, ա՛յնքան՝ որ այս ուժգնութեան դէմ կը նսեմանար հաճի Սառային ցանկութեանց չափը։ Ու այս պահանջկոտ արգանդով, ճիշդ հաճի Սառային նման, անիկա զգետնեց բարի ու քաղցր հաճի Կարապետը, որ քիչ-քիչ աւելի փոքրացաւ ու իջաւ իր միսերէն։ Գաղտնի ցաւ, թէ անյագուրդ սերմնակութ մը զայն ըրաւ տարուէ տարի աւելի բարակ` առնելով անկէ առնութեան կնիքը, խորասուզելով զայն ժառանգութեան մէջը իր հօրը աւազանին, ան ալ ցամքած, «ջուր քաշած» ամառէն առաջ։ Գրեթէ կնի՜կ, յանձնուած լաթերուն պաշտպանութեան, որոնք անոր ոսկորները կը ժողուըտէին եւ սանկ ու նանկ ձեւի մը կը մօտեցնէին։ Ու յուսաբեկ էին, էրիկ ու կնիկ, ահաւոր սպասումէն։ Հինգերորդ աղջիկը անոնք ունեցան աղ ու արցունքով։ Տունը տարբերութիւն չունէր մեռելատունէ։ Ցաւէ՞ն, սո՞ւտ [320], հաճի Կարապետը ա՛լ չէր կրնար կրել իր մարմինը։ Պառկեցաւ, ոտքերը փրթած։ Ճիշդ երկու ամիս։ Ու սաւանով կը դարձնէին մէկ կուշտէն միւսին։ Իրողութիւն էր, որ ցաւերուն անկումէն ետքը մարդը փտած միսի մը կը նմանէր, այս օր ուռեցք, վաղը կաշին փակած ոսկորին։ Ու առանց յայտնի հիւանդութեան մը, այդքան ոսկիին ու հողերուն դէմ, բերան մը շնորհքով բանալու իսկ անկարող, բռնած էր ճամբան։ Կախարդ մը՝ անոր «մաքրուիլը» մօտեցուցած էր քիչ մը շատ։

 

Ու հաճի Աննան` ահաբեկ, կատղած, աւելի քան վճռական, ինկաւ գեղէ գեղ, ջուրէ ջուր։ Կատարեց ապսպրուած բոլոր աղօթքները, մատաղները։ Գործադրեց յուռութքներուն բոլոր ցուցմունքները։ Հեւքը, սպառումը, ներքին տենդը նրբացուցին անոր քիչ-քիչ եղ կապող մարմինը։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար այս ցոլացումը, գեղացիին բառով՝ սեռին «շավգը» [321] փոխադրուած [322] առնել անոր կրակէն։ Ներքին այդ լուցումը, որ կիներուն աչքին մէջ վախկոտ գրգիռ մըն է, ամօթխած ու միամիտ, բայց անոնց մարմինէն թաքուն ծորում մը, նոյն ատեն, որ տարօրէն ցանկալի կ՚ընէ ամէնէն զրկուած մարդերը [323] ։ Ու բացուեցան անոր գեղեցկութեան թաքուն այդ բերանները։ Ոչ ոք մտքէն պիտի անցընէր այդպէս թարմացած այդ կինը, որուն աղջիկնութեան կաղապարը հազիւ խախտած էր երեսներէն, մայր ընդունիլ հինգ աղջիկներու, այնքան իր հզօր բնազդը կենդանի կ՚ընէր անոր անձը եւ անձին վրայէն անոր միսերը։ Վասնզի գեղեցկութիւնը շէնք մըն է, որուն ճարտարապետը կը մնայ սեռին ուղղալարը։ Առէք կնոջ մը վրայէն սրբազան այդ ոճը, մնացածը թերեւս շահագրգռէ մսավաճառները, ինչպէս կ՚արտայայտուի գեղացին ամուլ կիները հեգնելու իր փոյթին մէջ։ Խռովիչ ու ցանկայարոյց եղաւ հաճի Աննան ` առանց իր գիտնալու ն ։ Ունեցաւ շարժումներ, թեւէ ու ոտքէ, որոնք չհասկցաւ, բայց որոնց զսպանակը ուղեղէն չէր, որ կը գործէր։ Խօսեցաւ տաք, ինք չէր զգար ատիկա, տան ծառային։ Ու անոր բառերը փուռէն նոր ելած հացերու նման դէմէն կ՚այրէին ` առանց յայ տ նելու։ Ըրաւ, իր լաթերուն յարդարանքէն լռին շեղումներ, կուրծքէ՛ն մանաւանդ, ուր իր ծիծերը կը հրէին զինքը, ամբողջ կինը ըլլալով։ Մտաւ մութերը, ախոռը, մառանները, չգիտնալով իր փնտռածը, բայց քիթը խիստ, լարուա՜ծ…։ Ու անոր երիթացած ամուսինը պարտաւորեցաւ հալիլ, բայց չմեռնիլ (հաճի Աննային կամքն էր ատիկա), յղի ձգելու համար տառապող կինը։ Ան գլուխն առած, մինակ, աղջիկները ձգած մօրը, կը պտտէր պարտէզ ու այգի։ Ո՞վ ըսած էր իրեն նիհարնալու, յոգնելու, «քիչնալու» օրէնքները։ Վեցերորդ յղութեան յայտարար նշանները խօսած էին անոր մէջ։ Բայց տղա՞յ։ Ան պտտեցաւ, չկերաւ, չքնացաւ։ Ո՞վ ըսած էր այս տարօրինակ պահքը։ Բայց Իսրայէլը այս յղութիւնն ալ ընդունեց սովորական քմծիծաղով։ Բեկանելի չէր անոնց վճիռը։ Ու ըսին ատիկա նորէն, լրբութեամբ ու հայհոյանքով։ Այս վայբերանութիւններէն դուրս, յղութիւնը այս անգամ չարչարագին բան մը եղաւ հաճի Աննային համար։ Յոյսն ու տարակոյսը անոր մէջ փոխն ի փոխ կու գային գրաւել հոգեկան յատակը։ Անհամար աղօթքներ, եօթնական, քառսունական, հարիւր մէկական անգամներու շարքով մը։ Վարձուած [324] աղօթքներ, ամէն դասակարգէ, տէրտէրէն մինչեւ մատ մը դպրոցականը։ Շաբթուան երկու պահք օրերուն ժամէն Տէր ողորմեա, հասարակաց ու սրտագին, զոր կ՚ըսէին տղաքը, Կիրակիի մատաղին երազովը։ Ուխտեր, խոշոր, անգործադրելի ըսուելու չափ։ Հարցուփորձ ըրաւ սաչու ն ժամուն ձգելու մասին։ Անկե՞ղծ էր։ Պէտք չկայ կասկածելու։ Վասնզի տղայ ժառանգ մը հարիւր սաչու կ՚արժէ։ Ամէն ամսու պատարագ ու հոգեհանգիստ։ Պառաւներ, փոր նայողներ, սեռ մտիկ ընողներ, մէկը կը մտնէր, միւսը կ՚ելլէր իր տունէն։ Ու հսկո՜ւմ։ Թէ տէրտէրով՝ որ ժամկոչը հետն առած, մինակ կը վախնար, մութը կոխելուն, կը մտնէր մեծ եկեղեցին, դալկոտ երկու մոմի դէմ ու կը քաղէր կարգը, ամբողջ ու թերահաւատ։ Միւս կողմէ՝ խե՜ր, ծովու պէս, ամաններով մածուն, կաթնապուր։ Սնտուկին խորէն կերպասներ՝ թաղին ոռը-բաց տղոց։ Առատ նուէրներ ժամուն թապախ ին։ Ու միւս կողմէ՝ կռի՜ւ, դաժան, փրփրող, լիրբ ու գեղեցիկ իսկ, Իսրայէլին բոլոր հարսներուն հետ։

 

-- Անունը Բենիամի՞ն, - կը հեգնէին զայն, տէրտէրէն փրթած սրամտութեամբ [325] մը Նալպանտենց կիները, ու՝

 

-- Թո՜ւ, թո՜ւ, - կը թքնէին գետինը։

 

-- Տղայ մը ուտէ թող, - ու կ՚ընէին սուր, դաժան ակնարկութիւնը, որ կ՚երթար տան ծառային։

 

Հաճի Աննան փնտռեց կռիւը ` անցնելով բառերէն ընդունուած չափը, հակակշռելու համար ով գիտէ ի՛նչ վախ կամ ամօթ, որ Իսրայէլով դրուած հրապարակ, հիմա կը շշնջուէր ու կը նեղէր։ Տան մէ՞ջ։ Անոր էրիկը շուքի մը պէս բարի, լուռ, ականջները գոցած, կը հետեւէր կնոջը յուզմունքին ու առնուած էր անոր լաւատեսութեան մէջ։ Կարեւոր միակ եղելութիւնը, ճամբու դրուիլն էր տան ծառային, պայմանաժամէն առաջ։ Կարշնեղ ու գեղադէմ երիտասարդ մըն էր ասիկա, որ Նալպանտենց շեմէն ելլելէ վերջ, լքեց իր ընտանիքը, նշանածը, գլուխը առաւ ու կորաւ։ Բաժի՞նը։ Տէրը ինք գիտէ։

 

Ու մանչ էր վեցերորդը։

 

Գեղը դղրդեցաւ։

 

Անոր հայրը, հրաշալի աւետիսին առջեւ, երկու ժամ մարած մնաց։ Բայց արթննալուն, ցատկեց ոտքի, իբր թէ հիւանդ, մահամերձ հիւանդը չըլլար գեղին սպասումին։ Ո՜վ դրած էր սա ծխնին անոր զիստերուն։ Ի՜նչ ալ բարակցեր էին սրունքները, որոնցմէ միսը հալեր-գացեր էր, ընելիք չունեցող ծառայի մը պէս։ Բայց արտակարգ ուժ մը կեցուց անոնց վրայ նոյնքան բարակ անոր իրանը։ Բացաւ անիկա գեղին նայող մեծ պատուհանը, վերին յարկէն ու խելայեղ, առանց գիտնալու, թէ ինչ կ՚ընէր, արձակեց վրայէ վրայ վեցհարուածեանը։ Մարդիկ զարմացան ո՛չ թէ գնդակէն, այլ՝ Կարային ձեռք էն ։ Չէ՜ր վախնար։ Զէնքը արգիլուած էր շատոնց ու Իսրայէլը կրնար կեդրոն հասցնել այդ գանգիւնները։ Մարդ կը մտածէ, երբ քիչ կամ բնաւ է յուզուած։ Անոր չորցած շրթունքները, ճեփճերմակ, կը դողդողային, անհնարին գոռումով, անհնարին աղաղակը՝

 

-- Աչքը լո՜ւս, Նալպանտենց տղոցը։

 

Ու, աւելի հրաշքը։ Տեսան զայն, որ այդ շունչով վար էր եկած. ու առանց դողալու չիյնալու համար ան ամսուան ուժ էր սպառած, ոսկորները ներսէն բռնի սանձելով - գացած սրճարան, սուրճ ու թէյ, ու լոխում ու շաքար ապսպրած բոլորին, անխտիր, թշնամի թէ օտար։ Յետոյ՝ մարդ էր վազցուցած դրացի գեղերը, վարձելու բոլոր թմբուկները եւ զուռնաները, Կիրակիի կնունքին համար։

 

Զոյգ գոմէշներ պառկեցան Նալպանտենց դուռին, երբ կնունքի թափօրը դուրս կ՚ելլէր անկէ։ «Օսկի» վարագոյրէն զատ, որ տարուան երկու մեծ տաղաւարներուն միայն կը հանուէր գանձարանէն, ու վարձելի չէր մարդկային որեւէ փառքի, երեւան բերուեցան ժամուն բոլոր պահծու զարդեղէնները, կանթեղները, սուղնոց շուրջառները։ Հսկայ հոգեհանգիստ։ Ժամուորին մոմը Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատկերին՝ հասակով։ Փոքր վարագոյր մը աւագ սեղանին՝ հաճի Սառային պահածներէն, լման ոսկի, այսինքն՝ թաւիշ խորքի վրայ ծաղիկները [326] ձոյլ, բայց բարակ։ Կնքող քահանան մեծահամբաւ գերդաստանին արժանաւոր պայազատ յայտարարեց նորածինը` ապահով ըլլալով Իսրայէլէն, որ հայհոյութեանց ռմբակոծումէն զատ, մեղք ալ կը մտնէր, իր պառաւներու գիծէն, օրուան մը ժամը, արարողութիւնը կորսնցնելով։ Քառսունէն ետքը, ոտքի ամէն կնիկ ժամը չի փախցներ։ Փախուստը կ՚արձանագրուի Աստուծոյ գիրքին մէջ։ Պիտի փորձ ո ւէր տէրտէրը Յարութիւն մկրտել, եթէ ձախորդ նախապաշարում մը չմիջամտէր։ Հաճիին պէս մարդ երկու հեղ չի գար աշխարհ։ Ու ով որ անոր անունը պիտի կրէ, պիտի կրէ զայն դժբախտ բեռի պէս։ Պատարագը՝ ծանր ու լեցուն, վար չէր մնար տաղաւարներու շքեղութենէն։ Ու ժամուն չորս դուռներուն զետեղուեցան չորս խալկիններ։ Ու բոլոր կարեւոր փողոցներուն բերանը շինուեցան մեծ օճախներ։ Արիւնը վազեց։ Օղին վազեց։ Գինին վազեց՝ աղբիւրի պէս։ Մատաղին առատութիւնը, թափօրին փարթամ գնացքը, Նալպանտենց հաճի Սերոբին խաթրը սեպող դրացի գեղերուն երեւելի կամ խոնարհ իշխանները ըրին այդ հանդիսանքը բացառիկ ու հանրահամբաւ։ Մարդիկ կը փորձուէին ոգեկոչել մեծ հաճիին կարաւանները։ Այս կարգի կնունքներ հարսնիքի չափ աղմուկ հանած են ու կը պատմուին տարիներ վերջ։ Մէկը մանաւանդ կը յիշատակուի իր ընդարձակ տարօրինակութեանը համար։ Եօթը գոմէշ, եօթը եզ, եօթը կով, այսպէս բոլոր զոհելի չորքոտանիներէն եւ երկոտանիներէն եօթնական հատ, մեծահարուստ գերդաստանի մը տաշտի-քերուկ [327] մէկ ընձիւղին համար, որ կու գար օճախը փրկելու։ Թիւը կը հպատակէր յիմար ուխտի մը ` կատարուած ժամուն ճիշդ կեդրոնը, ըղձաւոր ու հաստահաւատ տիկինէն, վեց [328] աղջիկէ ետք եօթներորդին [329] ՝ մանչուն ի պատիւ։ Աստուծոյ ականջը բաց պահուն մեր փափաքները ի՜նչ են, որ չընդունուին։ Ու անհաշիւ վատնեց հաճի Կարապետը` առանց իջնելու ոսկիներուն մգլած մառանը, սանկ վերի երեսէն, ափ ի բերան ձգելու չափ գեղացին ու օտարը։ Նալպանտենց ձե՜ռք էր վերջապէս։ Ամիսներ չհատցուցին այս կնունքը։

 

Ափ մը բան էր սակայն, ճիշդ մեծկակ ափ մը բան Նալպանտենց նոր Սերոբը, որ ծաղրանկարն անգամ չէր բերեր նշանաւոր իր հաւուն։ Ճանչցողը՝ գիտէ ծնունդէն ոսկորներուն կանգունը։ Պտղունց մը միս, ինչպէս սկսած էին արդէն քաշքշել Իսրայէլին կիները եւ ուրիշ, նորընծայ նախանձորդներ, այս անգամ գեղին միւս հարուստ տիկիններէն, որոնք տակաւին չէին մարսած կնունքին շքեղանքը, իրե՜նք գեղը վարող, գեղացիին առջին ինկող ու ետին կեցող մեծ տոհմերու տիկիններ, ու կը միացնէին իրենց փորի ցաւը իսրայէլեան նզովքին ու խաչահանութեան։ Անոնց համար արու այս ծնունդը ոչինչ կը փաստէր։ Ոչինչ կը հերքէր իրենց վճիռներէն։ Անոնք շարունակեցին հաւատալ իրենց ախորժակներուն եւ չընդունիլ ծիծաղելի այս խլեակը, իրենց բառով՝ խլինքը, զոր մանկութեան առաջին ախտերը պիտի չուշանային մաքրելէ։ Մայրը, տպաւորուած, սարսափով կը պաշարուէր տղուն կեանքին համար ու կը համբուրէր կոճակի պէս բանը, որ կարծես կը ճարմանդէր անոր զիստերը, փոքր ու աննշան, սմքած լուբիա մը ` խաբելու աստիճան սեռին իր յատկանիշը։

 

Ու գեղը բացաւ իր լրբութեան դուռները։ Իսրայէլը պատու ա խնդիր հեգնութեամբ մը կը մեղքնար թիրիթ Կարային ու հանրութեան ուշին կը յանձնէր պապաճան Բաթեկը [330] ` տանը ճամբուած ծառան, որ քիչ մը շատ ըսած էր իր «խաթունին» վրայ։ Ըսուա՞ծը։ Սովորական պաշտամունքը երիտասարդին, որ հասուն կնիկի մը հոտին մէջ կ՚առնուի։ Կը տեսնէ պարզ բաներ եւ կը գեղազարդէ ` պատմելու համար իր ընկերներուն։ Հաճի Աննան հերքեց նոյնքան լրբութեամբ, նոյնքան կորովի. այնպէս որ, հերքումի այս փոյթն ու սաստկութիւնը չուշացաւ փաստը ամրապնդելէ ամբոխին բերնին։

 

-- Չուտողին բերանը չի հոտիր։

 

Առածը կ՚օրինակէր սոխը ու կը թելադրէր կասկածը։ Ինչո՛ւ պայքարիլ սուտին դէմ։

 

-- Բերանը որ չայրի, ատչափ չի բանար։

 

Միշտ սոխն էր։ Ու գեղը կու տար ու կ՚առնէր։ Երգի փշրանքներ, սանկ-նանկ հաւաքուիլ առին։ Բայց կեանքը աւելի նեղ էր հիմա ու մարդիկ երգելէ աւելի՝ հացին հոգը ունէին հոլովելիք։ Հակառակ Իսրայէլի խաչակրութեան՝ գայթակղութիւնը չաճեցաւ։ Ընդհակառակն։ Անիկա, ամիս մը ետքը, չծնած մեռել երեխաներու կը նմանէր։ Որքա՞ն էր իրականութեան բաժինը։

 

-- Մութ բան է, տղաք, - կ՚ըսէին ծերերը։

 

-- Մի դատէք, որ չդատուիք, - կ՚աւելցնէր տէրտէրը, որ շահ ունէր խաղաղ մթնոլորտէն։

 

-- Տէրը ինք դատաւոր, - կը վճռէին փորձառուներն ու բանիմացները ու կը ծխէին, խոշոր պուկերով։

 

Այս կռիւներուն քովէն, փապուճ չձգելով ոչ ոքի, օգնութեամբը մօրը, որ յղութեան առջի ամիսէն իսկ անցեր էր Նալպանտենց տունը, մուշտակը կռնակին, մեծ կնիկի մը ա՛լ արդար փառքովը, հաճի Աննան նուիրուեցաւ պզտիկին։ Այս գետնին վրայ անոնք մնացին անզուգական։ Տղա՞ն։ Բայց Աստուած է կու տայ, կը պահէ ալ զայն։ Այսպէս կը դատեն մեր կնիկները եւ կը փաթթեն ամուր խանձարուրքի մէջ ` բաց ձգելով բերնիկը միայն ու մնացեալը վստահելով օրանին ջերմութեան, մեծ մօրը ոտքին, որ պիտի շարժի ժամեր շարունակ։ Հաճի Աննան շեղեցա՞ւ աւանդութենէն։ Ատ չէ կարեւորը։ Գեղը երկրորդ օրինակ մը չունի այս հերոսութեան, որով անիկա մահուան «որդեգիր» այդ սուտը, այդ խլէզը, ըսին նոյնիսկ, սատանայէն գողցուած, պուկիով Աննային արգանդը թխմուած այս հրէշը ազատեց մահուան մանգաղէն։ «Առիւծի կաթ» թելադրէր թող խենթին մէկը ու հաճի Աննան պիտի վազէր մինչեւ «Հինտիստան»։ Ու ատանկ սուտ, ջնջուած, օրանին մէջ լաթերէն ու բարձերէն հազիւ զատելի, Նալպանտենց աւագ տունին յետին շառաւիղը շարունակեց մեծնալ։ Հաճի Աննան իր ծիծերուն քով ուրիշներ ալ դրաւ, ընկճուած անհուն ծարաւէն, որ զաւկին շրթները կը պատմէին, անընդհատ ծծելով, ծծելով, քուն [331] թէ արթուն, փոխելու չափ դէմքին ձեւը, ուռեցնելով լինտերը, գոգաձեւ դէպի դուրս, գուշիկ՝ ինչպէս կ՚որակուի կզակին այդ ձեւը։ Ո՞ւր կ՚երթար հաճի Աննային կաթը, այդքան առատ։ Դուռ-դրացի, աղքատ ու պարզուկ հարսներ խեր կը սեպէին քանի մը պուկ բան թափել անոր անյագ բերանին։ Կաթի այս ողորմութիւնը սրտառուչ է շատ, եւ հեռի՝ քաղաքներուն հաշիւէն եւ զգուշանքէն։ Գիշեր թէ ցերեկ, քուն թէ արթուն պահերուն միշտ մէկը հսկեց օրանին վրայ ` հազար ու մէկ կասկածանքով։ Ան կը վախնար չ արքերէն, Նալպանտենց պուկի ներէն, որոնք գտնուեցան պարտէզին սեմին տակ օդէն եւ երկինքէն։ Տարին չաւարտած, այս խնամքներուն իբր արդիւնք օրանին մէջ զգալի եղաւ մանչուկ մը։ Ան ի՜նչ դժուար հաւաքուած էր այդ քիչ մը բանը։ Մանրուք [332], բայց գիրուկ։ Լուսի պէս ճերմակ։ Ըսե՛ս կաթը առեր՝ մարդու կաշիին են անցուցեր։ Բայց անիկա ուշագրաւ էր իր աչքերուն տարակարգ կենդանութեամբը։ Աղմո՞ւկ։ Լա՞ց։ Չլսուեցան ամիսներով։

 

-- Տղայ ալ ըլլայ, հարուստինն ըլլայ, - կ՚ըսէին մայրերը, իրենց ճուացող լակոտներուն խփելով քիթին։

 

Հծծի՛ւն մը, մանր, խոնաւ, կաթնախառն։ Խելօք, սուսիկ-փուսիկ, այսքա՛ն կ՚ըլլար։ «Աստուած մ՚ունենար, ձգէ օրերով», կ՚ըսէին հարսները, երբ իրենց ծիծը կը քաշէին բերնէն, որ կը պահէր իր կլոր բռնուածքը եւ կը շարունակէր մատները ծծել։ Ու կը խաղար ժամերով կամարէն կախ ոսկոր խաչին հետ, որ յիշատակն էր հաճի Սառային եւ որուն կեդրոնին երբ աչք դնէիր, Աստուածամարը կը տեսնէիր` գիրկին Յիսուսով։

 

Մեռաւ անոր հայրը, տարի մը ետքը, չորցած, միսի վերջին շեղբն [333] ալ սպառած, բայց հանդարտ ու ուրախ, որքան որ ներելի է ըսել, առանց ըլլալու «նայուածքը ետին», ժողովրդական նկարուն բացատրութեամբ մը։ Ոչ ոք ցաւեցաւ վրան։ Զայն մոռցած էին սրճարանի ընկերները։ Միշտ դրան սպասող մահը ի վերջոյ դադրեցաւ իր իմաստէն ։ Մարդիկ չեն հաւատար շատ հեղ կրկնուած սարսափին։ Բայց ամէնէն քիչ ազդուած ըլլալու էր այդ մահէն իր կինը` հաճի Աննան, որուն համար ան «կը պակսէր» արդէն տարիներէ ի վեր, կղպուած ու որդնոտ իր աճուկովը ու զազիր, անշօշափելի ոսկերուտքովը։ Որ զզուեցուցած էր նոյնիսկ շոր լուացող Հոս-Մնամը, կնիկը, «շէնք-շնորհք» հիւանդ կրնալ չըլլալուն։

 

Բայց տղան ապրեցաւ։ Անցաւ անիկա բոլոր սպասուած ու հաշուըւած հիւանդութիւններէն, ծաղիկէն ու հարսանիթէն, թոքատապէն ու կապուտ հազէն, փորքշուքէն [334] ու ջերմէն, չսեպելու համար մանր-մունր տաքութիւնները, ակռայի տագնապները, առանց վտանգի։

 

Ապրեցաւ անիկա այս ամէնէն, հաճի Աննային հաւատքովը ` ի դերեւ հանելու համար անաստուած սպասումը Իսրայէլին։ Քաշողը միայն գիտէ, թէ ինչ կ՚արժէ տղան, երբ պիտի մեծնայ դուրսին կրակովը։ Զայն պաշարեց մայրը զրահուած հսկողութեամբ մը։ Թող չտուաւ, որ երես-փուչք [335] քալքի ատեն դուրս համարձակի տանը մեծ բակէն, փողոցին վրայ, տարեկիցներուն հետ, ոտքերը արեւին երկննալու-քնանալու։ Աւելի վերջը, անոր արգիլեց խաղալը ընկերներուն հետ ։ Կտրեց անոր ոտքը ազգականներուն տունէն։ Խիստ պատիժներով, որոնք լալով կու տար, վարժեցուց զայն օտարի ձեռքէն, խանութէն ոչինչ առնելու, նոյնիսկ լէպլէպի շաքարը, որուն համար տղաքը, ես ալ մէջը ադ տարիքիս, հոգի կու տային։ Լեցուց, լարեց անոր պզտիկ հոգին իր ատելութեամբը Իսրայէլին դէմ, այնպէս որ, գրող տեսածի պէս կը սառէր բարկութենէն, երբ պատահումը իր դէմը բերէր անոնց տղոցմէն մէկը։ Բաղնիք, ժամ չզատեց անոր պզտիկ թաթը իր լայն ու ամուր ափէն ` ականջ չդնելով անոր յոգնութեան կամ մատղաշ ցաւին, արդիւնք՝ կակուղ դնդերներուն կրած ճնշումին։ Ան առաջ տարաւ այս հսկողութիւնը ա՛յնքան աւելի խիստ, ո՛րքան շատցան տարիները։ Մշտապէս փակ հսկայ բակին մէջ իսկ չձգեց զայն առանձին ` վախնալով անլուր դաւերէ։ Մկան դեղը ի՜նչ քիչ կը տարբերէր սուսամ շաքարէն։ Ու Իսրայէ՜լը։ Ան չէ՞ր, որ կործանած էր իր պապերուն Աստուածը։ Տէրտէրը չէր հասկցած Նոր Իսրայէ՜լը։ Ու խփեց ականջը բոլոր ծաղրերուն ու խրատներուն։ Մայրերուն բնազդը քիչ կը սխալի։ Արհամարհեց ամբողջ գեղացին, որ սկսելով Նալպանտենց տղոցմէն, հեգնել առաւ, չար ու թթու՝ այս գմբէթաւոր գուրգուրանքը։

 

-- Վարտիքին մէջը թող պահէ։

 

-- Թթուն դնէ [336] ։

 

Կ՚ըսէին իրարու եւ կը խնդային։

 

Բայց մեծցաւ անիկա։ Եղաւ դպրոցցու, քիչ մը շատ բարակ, մա՛նաւանդ հասակէն աղքատ։ Մայրը գոհ էր սակայն։ Իր տղան աժտահարի չափ հասակ ունէր իր աչքին…։ Ու նշանուեցաւ տասնին չմտած։

 

Ասդին, շատոնց սկսած էր արդէն անոր մօրը նոր ասպարէզը։ Էրիկը, աղէկ-գէշ շուք մըն է այդ գիծէ կիներուն գլխուն, որ առնուազն կը պաշտպանէ՝ եթէ ոչ գլուխը, գոնէ փէշերը չար լեզուներէն, գոնէ օրէնքէն։

 

Այրի՛ն [337] ։ Գեղանի այրին, մեծատուն այրին խորհուրդ է եւ երեւոյթ։ Ազատեցէք ձեր մտքէն անոր պատկերը քաղքենի սարքերուն տափակ կամ տխուր կապանքէն։ Անիկա առնուազն մարմին մըն է մեր քաղաքներուն մէջ, որ սեւ կը հագնի եւ ճերմակ իր մորթը ջնարակել կու տայ իւղին ու փոշիին։ Իր զաւակները պատրուակներ են անոր ցուցադրումին։ Ու կը գտնէ մէկը ` պսակով կամ առանց պսակի։ Անշուշտ, արհեստաւորին այրին էրիկ-մարդ է միշտ։ Պիտի չխորհի զաւկըներէն դուրս ուրիշ բաներու։ Գեղերո՞ւն մէջ։ Հիմա կը գիտնաք։

 

Զայն թաղելէ յետոյ, հաճի Աննան ինքզինքը գտաւ միս-մինակ, կեանքին հազար պէտքերուն դէմ։ Հասկնալի էր անոր խորունկ շուարումը, քանի որ կեանքը կը յարձակէր վրան շատ մը ճակատներէ։ Ամէնէն դժնդակները, լիրբերը եղան նորէն Նալպանտենց տղաքը, որոնք, տգէտ միւֆթիներու ցուցմունքովը պաշտօնապէս միջամտեցին, կեդրոնէն դատաւոր ու մ ո լլա բերին, ցուցակագրելու համար լուսահոգի Էմիմի օղլու ին [338] բոլոր ունեցածը` սկսեալ անուանի ձիթաստաններէն մինչեւ սխտոր–գուշը [339] ։ Ի՜նչ մեղքցող, ի՜նչ հոգածու, անոնք գումարել տուին թաղական խորհուրդ, ուր ստիպուեցաւ երեւալ, կառավարական փաթթոցով քարտուղարներու ներկայութեան, Սերոբը գիրկը, հաշիւը տալու մգլած ոսկիին, այսինքն՝ ուրիշ թագաւորներու թուղրայ ով դրամներուն, ու տալ հաշիւը նոր թագաւորովին [340] ։ Ան իր գիտցածովը, լսածովը պաշտպանեց որբին իրաւունքը, անշուշտ շատ աւելի լաւ, քան Իսրայէլի անօթի շունուընին (շուները)։ Ան երդում չըրաւ չամուսնանալու, պարզապէս կոտրելու համար Իսրայէլին պահանջը, բայց մտքէն չանցուց այդ յիմարութիւնը։ Տուն մը աղջիկ ու փաշայի պէս տղա՛յ մը։ Չէի՞ն բաւեր։ Ի՞նչ հարկ կեանքէն բռնի առնելու, ինչ որ իրացած րոպէին իսկ անկշիռ կը դառնայ։ Այս է պատճառը, որ այրի կիները նախայարձակ կ՚ըլլան։ Չինկաւ թակարդին մէջ, որ կը մատուցուէր իր զգայարանքներուն, հաստկեկ, ջոջ աղայի մը կողմէ, որուն կնիկը մեռած էր տղաբերքին եւ որ, ազդեցիկ մարդ, պետական գիծէ, ձեռքերը երկայն, նոր-նոր ծրագիրներով ստեղծեց Սերոբին թնճուկը [341] ։ Կինը մնաց անյողդողդ։ Մերժեց՝ հրապարակելով մեծաղային դիտումները «յատենի ժողովոյ», փարայի մը ընելով անոր անունը՝ խնամակալութիւնը՝ որ պիտի ձգուէր անոր նախագահութեան։ Անգամ մը կաշին պատռելէ ետքը՝ անիկա եղաւ անդիմադրելի։ Ու փաթթուած օրէնքին առաձիգ պաշտպանութեան, աւելի ճիշդը՝ իր աղուորութեան եւ մուշտակին՝ անիկա մեկուսացուց ինքզինքը եւ իր տղան։ Ու սիրտ առած՝ տարածեց իր փէշերը իր տունին ու կալուածներուն։

 

Լեցուն՝ թէ՛ կուրծքէն, թէ՛ քսակէն, լեզուանի, փարթամ մա՛նաւանդ միսով, ու հարուստ ամէն բանով, ամէնէն շատ սիրտով ու յանդգնութեամբ՝ անիկա շուտով անցաւ պէտքին սահմանները ու զարգացուց ինքզինքը` խելք, փառասիրութիւն, եզակիութիւն հետապնդելով ու բերնին չափը տալով թաղականներուն, որոնք ամէն նորոգուելու, ով գիտէ ո՛ր խլրդային քիթերէ մղուած, ձեռք կ՚առնէին իր տետրակները, քննելու կ՚ելլէին տան ներքին կացութիւնը ու ազգասիրութիւն եւ արդարութիւն կ՚ախորժէին ծախել ` պաշտպան կենալով այս իւղոտ որբին։ Հանրային գետինի վրայ մուրացկան, ու շատ-շատ՝ կոտրած կիներու վարժուած մեր աղաները կ՚ախորժէին այս աղուոր կնիկէն, որ խօսիլ գիտէր։ Բայց գիտէր մա՛նաւանդ խօսելով յուզել։ Մնալով պատշաճ, սեւ լաչակի մէջ թեթեւ մը ստուերած իր երեսները՝ անիկա կիրքին ջերմութիւնը, հաւաքուած սեռին գուցէ պապակը կ՚արձակէր իրմէն։ Ու իր բառերը կը կշռէին։ Ու իր բառերը իրաւ էին ու կը կոտրէին։ Գուցէ այս երեւումը, ժամուն օտաները՝ հետեւանք եւ նմանութիւն է թուրք կիներու, որոնց մէկ կարեւոր [342] մասը, այս ու այն երակէ թոշակառու, ի հաշիւ իրենց ղազի զաւակներուն կամ նոյնքան կազի էրիկներուն, կը խուժէին կառավարական դիւանները, սեփ-սեւ վարշամակուած, ու գիտէին լսելի ընել իրենց պահանջները։ Հայ գեղին մէջ հրաշքի մօտ բան էր հետեւիլ այս գեղանի, երեսէն նուռ կաթող կնիկին, որ հաճոյք ունէր պոռալ-կանչելու, ուրիշներուն լռածը բարձրաղաղակ պատգամելու եւ կօշիկը հակառակ կողմէն հագցնելու հնօրեայ, եփած աղուէսներուն, Մակարենց Կարապետ աղային եւ հաճի Տիմէթէոսին, երկուքն ալ ժամուն օտան որջացած, որոնք կողմնակի միջոցներով դուք ընդարձակեցէք միջոցները եւ ըրէք ճակատ, պիտի չխաբուիք թուղթի ու փետուրի (գրիչ) քերթուքներով տուն մը տղայ կը պահէին, կնիկներուն քիրմանի շալ կապել կու տային եւ արեւին մէջ կաթիլ մը քրտինք չունէին թափած, առանց Աստուծոյ հողէն ու անոր երեսին տնկուած փայտ մը, այգիի փշրանք մը ունեցած ըլլալու, բոլորն ալ սպառած ըլլալով կերուխումի եւ քաղքի բոզերուն հետ։ Անիկա բացառիկ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ այս աղուէսներու ռազմափորձերուն։ Խորտակեց անոնց, հեռուէն հեռու, հազիւ զգալի պաշարողական ծրագիրները՝ գեղեցկութեանը վայլող տաք, համոզկեր, անուշ ու, տեղին համեմատ՝ արիւնող, բզկտող իր լեզուովը, որ քանի՛ գնաց, ճոխացաւ, բարակցաւ, համ ու պղպեղ, սեր ու կարագ ճարեց դէպքերէն եւ փորձառութիւններէն։ Ժողովականէ մը աւելի պերճ էր անոր մուտքը։ Հանդիսաւոր ու տպաւորիչ էր անոր ելքը։ Ու կը սեպէին զինքը, տէրտէրէն սկսեալ մինչեւ փաստուած աղաները, որոնք, կառավարութեան գործերուն մէջ ինկած, մուխթար եւ աղա քանի՜-քանի՜ հեղ՝ պահեստի անցած էին ալ։ Նոյն աչալրջութեամբ ան հետեւեցաւ տանը ընթացիկ գործերուն։ Միշտ իր տղուն հետ, պզտիկութեանը՝ գրկած, աւելի մեծնալուն՝ թեւէն բռնած, աւելի ուշ՝ առջին ձգած, ան եղաւ ամէն տեղ, ուր կարիք կար։ Եղաւ անիկա մա՛նաւանդ իր պարտէզները ` սանձելու համար Իսրայէլին գողութիւնները, որոնք կը սկսին նախ ոտք մը հողով, կ՚աւելնան յետոյ խրամ իջնելով եւ օրին մէկն ալ շարք մը (որթատունկ, թթենի) ողջ-ողջ կուլ տալով։ Ան ծիծաղելի, բայց անդարմանելի կերպով ամօթահար ըրաւ ստամբակները, որոնք փորձեցին արտերուն մէջ յարձակիլ անոր վրայ։ Պատիւի՞ն։ Ստոյգ չէ անշուշտ։ Գեղին մէջ կան յիմարներ, որոնք ժում մը հացի կամ տոլ մը գինիի փոխարէն յանձն կ՚առնեն ծայրագոյն խաղքութիւնը։ Անոր զօրաւոր ձայնը կը բաւէր ժամ մը հեռուէն խուլերն իսկ իրազեկ ընել պատահելիքին, սուր, զիլ ու խզում [343] չտեսած։ Ունէր մա՛նաւանդ իր բազուկները, որոնք երկու հոգիի թեւերը պլորեցին ու զարկին գետին։ Այս դրուագները զինքը կեցուցին ազատ՝ յայրատ աչքերէ եւ փորձերէ։ Ան եղաւ կառավարութեան դուռներուն, որբը հետը, դատարանի առջեւ պաշտպանելու իր մուրհակները, որոնք կ՚ուրացուէին` գրողին կամ վկաներուն կաշառուելովը։ Ու եղաւ անիկա իր քէնին մէջ՝ աղուո՛ր, բիւրեղացած կոչուելու չափ, արձանին պէս, զոր կը հագցնեն, մշտապէս ամրափակ, առանց թուլիկ թելի մը, որ յանդգնէր լաչակէն դուրս սպրդիլ։ Մշտապէս մարտահրաւէր գրգռելով, ստեղծելով։ Անիծելով, հայհոյելով, զարնելով անխնայ՝ բոլորին մեղքը իրենց երեսին, առանց քողքելու, առանց խիպէն մեղմելու իր բառերը։ Փռելով մարդոց գարշութիւնները իրենց անցած ճամբաներէն ու կիներուն ստորնութիւնները անոնց ժամէն դարձին։ Կիրքի մէջ այս սաստկութիւնը կը վայլէր [344] անոր, մինչեւ իսկ աղտին մէջ զայն պահելով ցանկալի ու աղուոր։ Ան հաճոյքով կ՚ընդառաջէր գայթակղութիւնը, որուն վրայ խարսխուած կը մնան մեր քաղաքակրթութեան խոշոր կեղերը եւ որ մեզի ընել կու տայ մեզմէ հարիւր անգամ վար բաներ։ Երբեք չվախցաւ, հարիւրաւորներու ներկայութեան, Նալպանտենց տղոցը երեսին տալ, պարտ ու պատշաճ վերադիրներուն մեղրովն ու պղպեղովը, գողութիւնը, որ հողով կը կատարուի եւ զոր ամէն մարդ կը հասկնայ` չափով մը անցած ըլլալով անոր ձգողութենէն։ Վասնզի հողին համը հզօր է կնոջ, որքան այր մարդուն մէջ։ Մշտապէս անով, այրը կարծես իր գոհացումը չի գտներ, մինչեւ որ քանի մը թիզ բան չսոթտէ այրիին հողէն ու չխառնէ, հալեցնէ իրենին մէջ։ Ու տարօրինակը հո՛ն է, որ ոչ ոք կը տառապի այդ մեղքով։ Հողին այս վայելքը, առքը, կապուած ըլլան գուցէ աւելի մութ, խղճագիտական զգայութիւններու, երբ կը հայթայթուի հայրենի ժառանգութենէն իրենց արդար բաժինը առած եղբայրներու միջեւ։ Հոս աղբարը կը զրկէ աղբարը անգթութեամբ մը, որ չի բացատրուիր։ Իսրայէ՞լը։ Անոնք ամէնուն քանի մը քար հանելու չափ քաջավարժ էին այդ տախտակին։

 

Այսպէս, հաճի Աննան հասաւ ամէնուն։ Սանձեց բոլոր ցանկութիւնները։ Զաւկի, տունի, հացի, դրամի հոգերէ զերծ՝ անիկա իր մէջ տրամադրելի կորովը, աւիշը գործադրեց իր ատելութեանց պարարումին։ Արդար ըլլալու համար թերեւս պէտք է աւելցնել, որ այրիութիւնը նպաստեց իրեն։ Ոեւէ էրիկ-մարդ իր կինը պիտի չյօժարէր նման մարզերու գործածել։ Բայց, գլուխէն ազատ՝ անցուցած փէշերը գօտիին փաթին –երկուքն ալ ընտրելագոյն տեսակէն, հաճի Աննան գեղին մէջ յիշատակ է հագուածքի հանդէպ իր խնամքովը։ Դուք գիտէք անոր մուշտակը, անոր փառփառ վառող կօշիկները–, անիկա սրբագրեց բոլոր կողոպտումները, սահմանազանցումները։ Իր շփումները, բնական խելքը սորվեցուցին իր ճամբան։ Չվարանեցաւ ոտքի հանել քննիչներ եւ կալուածական վերստուգիչ յանձնաժողովներ։ Կը ծախսէր առատ ու կը շահէր առատ, այսինքն՝ վճիռները։ Ու նորութի՛ւն [345], ով գիտէ ո՛ր քարտուղարին թելադրութեամբը, կառավարութեան դիւաններէն, համարձակ պնդումներովը, տեղին համեմատ անուշ լեզուով կամ թախանձանքով, ձեռք բերաւ Նալպանտենց ճիւղագրութիւնը [346], կալուածական ամբողջ թղթածրարը, գեղին մէջ, թաղականներու միջոցով կատարուած բաժինքներուն վերջնական վաւերացումը, քարտէսներ եւ պետական գոչան ները։ Ի՛նչ աշխատանք էր ասիկա դիւաններու մէջ, ուր երկու տող գրող քարտուղարը մէկ ժամ հանգիստ կը վճռէր իրեն։ Ու թուղթի մը տակ պակսած գիրի մը, թուականի մը, կնիքի մը կամ ստորագրութեան մը համար ամիսներով երթեւեկ անխուսափելի բաներ էին։ Մնաց որ, թուրք պաշտօնեաները տկար են, առհասարակ, կիներու հանդէպ։ Երիտասարդ էր անիկա, քանի մը տարով հեռու դեռ երեսունէն։ Ու ա՛լ վարժուած էր անիկա թուքոտ նայուածքներու, իր տղան միշտ ափէն բռնած շոյելու պատրուակին տակ օղի հոտող խռֆածներու խոնաւ ու յայրատ շունչին, խօսքերու, աչք խփումներու` բոլորն ալ տանելով վայելչութեամբ, սառնութեամբ, փորձ եւ եփուն ռազմավարութեամբ մը։

 

Գեղը փորձեց պատժել այս կորովը` նոր Բաթեկներ [347] հնարելով։ Ան առաջ գնաց, աւելի քան պատշաճութիւնը, այսինքն՝ փողոցէ փողոց իրարու գլխուն թափուելու [348] արտօնուած գարշութիւնը, ու թուրքերու անկողինը պառկեցուց պարկեշտ կնիկը։ Աբուգաթ հաճի Աննան պարզ տիտղոս մը չէր, այլ՝ ամբողջ պատմութիւն մը։ Պաշտպանեց իր պատիւը կրցածին չափ։ Անոր մեծագոյն վահանը մանչն էր, որ մօրը թեւէն առանց զատուելու, մասնակից էր անոր շուրջը դարձող ցանկութեան ու վաւաշի հեղեղին։ Հոդ էր, որ սկսաւ անիկա իր երկրորդ մանկութեան եւ պատանութեան մեղքերը զգալ։ Թուրքերու մատներէն անոր այտերն ու միսերը սորվեցան չմոռցուելիք բաներ։ Անոր մայրը, տարուած իր կիրքէն, չէր տեսներ կատարուածը աչքերուն առջեւ։

 

Անոր միջոցներէն, ինքզինքը պաշտպանելու, կարեւորներէն մէկ ուրիշն ալ տան ծառաներուն անխնայ փոփոխութիւնը եղաւ։ Իր գիւտն էր վեցամսեայ ծառայութիւնը, որ սկիզբները խրտչեցուց։ Բայց գեղանի կնիկին աչքին տակ դառնալը հոգ չէ թէ վեց ամիս բախտ մըն էր երիտասարդներուն, որոնք երկուք չըրին անոր հրաւէրը։ Ամէն ծառայ, հոն մտնելէ առաջ, կը տանէր անոր երազը իրեն հետ, երազը շինուած՝ գեղին եւ դուրսին բոլոր հեքիաթէն։ Բայց առաջին շաբթուն իսկ կը մտնէին իրականութեան ծոցը, որ իրենց պարտականութեանց ամփոփումն էր, խիստ, խղճամիտ եւ ամուր բռնուած։ Տունին ներքին յօրինուածքին մէջ անիկա ըրաւ փոփոխութիւններ։ Անիկա բաժնած էր ծառաներուն բաժինը տան մայր բակէն։ Հնարեց խիստ օրէնքներ աշխատանքի, առտուն ելլելու, իրիկունը տուն դարձի, միօրինակ, անվրէպ ու բռնաւոր։ Չյարգողները ճամբու դրուեցան առաջին իսկ շաբաթէն։ Հետն էր միշտ մայրը։ Բայց Իսրայէլին թեւաւոր ու գմբէթաւոր սուտերը, ինչպէս մեծաշռինդ սրամտութիւնը, ինչպէս հասարակ զրպարտութիւնը չէին բաւած զգետնելու [349] համար հաճի Աննային մօրը` Հոս-Մնամ Մերոնին դարաւոր պարկեշտութիւնը։

 

Տէրը չուշացաւ անգամ մըն ալ վարձատրել այս առաքինի մարտնչումները մօր ու աղջկան։ Աճեցուց հաճի Աննան խելքէն, հեղինակութենէն, պոյ էն ու պոս էն (գէրութիւնը [350] մի մոռնաք)։ Մարդերու հետ իր շատ շփումները իրեն ճարեցին այն բացառիկ զգայարանքը, որով կը գործեն մեծ քարոզիչները, խղճմտանքի ղեկավարները, մեր մէջ՝ առաջնորդները։ Այդ խելքին շնորհիւ ան ունեցաւ խորունկ եւ յարմար ընտրութեամբ մը ճարուած փեսացուներու շարք մը, որոնք, անոր աղջիկներուն ծոցէն աւելի պաշտպանեցին իմաստուն, առաքինի կնիկը։ Մէկ կողմէն ապրելով տղուն ամէն մէկ շունչին հետ՝ ան ձեռնարկեց իրարու ետեւէ իր աղջիկներուն ամուսնութեան։ Անոր փեսացուները, առանց բացառութեան, աղքատիկ, բայց շատ կորովի հօրէ ու մօրմէ (հաճի Աննան այդ տարազին տակ կը ձգէր ծնողքներուն ֆիզիքական ատաղձը, գուցէ թթուն ակռաները առած ըլլալուն։ Երկու Նալպանտ կար իր ետին. մէկը՝ կեսրայրը, միւսը՝ էրիկը), բարեկազմ տղաք էին, որոնցմէ մէկ-քանին իբր ծառայ, անոր շեմին ճարեցին սա գեղեցիկ երիտասարդութիւնը ու անոր իւղովը բարեխառնեցին իրենց ոսկորներուն իւղը։ Ու անոր աղջիկները ` բարակ, կապուտաչուի, շէ՛կ, ինչպէս էր մայրերնին, իրարմէ աղուոր, հագուած գեղին ամէնէն խռովիչ ճաշակովը, բայց հագած մա՛նաւանդ կախարդութիւնը իրենց մորթին, չտրուեցան ոչ մէկ հարուստի տղու։ Հակառակութի՞ւն։ Հաշի՞ւ։ Հաճի Աննան ինքնիրմէն զատ դատաւոր չունէր։ Ու մեր հարուստները այդ օրերուն նիւթ են զատ վէպի մը։ Անոնք, աղջիկները, չպակսեցան իրենց մայրիկին քովէն, քաղի բոլոր աշխատանքներուն։ Գացին այգի, ձիթաստանները, մրգանոցները, քաղհանքի, պտղահաւաքի, հնձելու, խաթար ով ոսկի ճիտերնին, մանգաղին վրայ ծռած, դեղձի պէս թաւշային ու խմուելիք։ Իմաստուն այս կարգադրութիւններով (հաճի Աննան իր դալկոտ տղուն հետ քաղաք իջած ատեն, լսած էր բժիշկները, որոնց թելադրութիւններէն ան վախցաւ մանչուն հաշւոյն, բայց գործադրեց աղջիկներուն վրայ), տաքին ու պաղին վարժ իր աղջիկները աճեցան արագ ու ձեռք ձգեցին ինչ որ պակսած էր իրենց ծնունդով արիւնի այն առատութիւնը, թանձրութիւնը, զոր բաց օդը միայն կը հայթայթէ մեր երակներուն։ Չարքաշ այս մարզումները նիւթական արդիւնքով ալ աճեցուցին տունին բարօրութիւնը։

 

Աւելցան անոր բակին մէջ ձիթապտուղի հինգ հազարնոց տակառները, գիւղացի բերաններէն երկիւղած զմայլումով արտաբերուած կատոզ ները։ Աւելցան իւղի գուբերը, մարդահասակ ու լռին կուռքերու պէս շարք-շարք, ոտքի՝ կամ իջած գետնին փորը, խորամոյն, թանկագին հեղուկը կարծես քաղելով հողին արգանդէն։ (Անոնք, այդ գետնափոր հնձանները, որոնց խորը աւանդութիւնը կ՚ապրեցնէ տունին պաշտպան փիր երը, ուրիշ բառով մը՝ հըզըր ը ։ Ու կան տուներ, որոնք չեն պակսիր անոնց յորդումէն։ Մենք ունէինք մականուններ, որոնք կը պատմեն այդ հեքիաթներէն։ Տունը-տեղը կը լեցուի, կը յորդի՛ իւղով)։ Թարմացան ծեր այգիները ու իրենց վայելչութեամբը, համաչափութեամբը Նալպանտենց տունը փռեցին դաշտի երեսին, այնպէս զատ, զատուող, ինչպէս էր վերը, գեղին բնակարաններուն մէջ։ Անմշակ հողերուն վրայ ան ստեղծեց նորատունկ պարտէզներ։ Աղջիկներուն հասուննալէն յետոյ, գրեթէ ամէն տարի Նալպանտենց հնօրեայ դուռները, որոնք ոսկեբարձ ուղտերու անցք էին տուած, բացուեցան արդար, փառաւոր, օրհնուած հարսնիքներու, գինիին եւ հրացանին մէջը չափաւոր։ Լաւ ու ամէնուն գովեստը շահած օժիտներով, անոր աղջիկները հարս գացին բանուկ, դատուկ, գեղանձն տղոց, որոնց դէմքի կանոնաւորութեան չափ հոգիներուն ալ շիտակութիւնը փնտռած ու գտած էր անվրէպ փորձառութեամբը։

 

Իր տղուն համար ալ չթռաւ անիկա շատ վերերէն, իր ծագումին ձգողութի՞ւնը, թէ ուրիշ, իրեն միայն ծանօթ պատճառներ զինքը ըրին վերապահ՝ հարուստ տուներէ եկած մատուցումներուն։ Իր փնտռածը, ամէն բանէ առաջ, աղջիկն էր, առողջ, շէնքն ու շնորհքը տեղը։ Ու ի՜նչ սուր էր անոր հոտառութիւնը գոյներէն եւ դ նդերներէն։ Անշուշտ հիւանդ աղջիկը հազուադէպ է շատ։ Բայց Նալպանտենց տիկինը չէ մոռցած իր կեսուրին, մա՛նաւանդ կեսրարէն պատմուածները։ Դրա՞մ, կալուա՞ծ։ Ազդեցիկ խնամիական կապե՞ր։ Ան չխորհեցաւ իր իսկ հարստութեան։ Յետոյ՝ քիչ չէին օրինակները հարուստ տուներէ կատղած հարսներու։ Իր ուզա՞ծը։ Համ ունենար ու խպնիլ գիտնար։ Որուն լեզուն ըլլար քաղցր, բայց երբեք երկար։ Որ տունին մէջ պտտէր պայծառ-պայծառ, լուսաւորէր սիրտերը (ի՜նչ բխում է կնոջ միսը, համեստ թէ փարթամ յարկերէ։ Դուք զայն մի դատէք վէպերէն ու քաղաքներէն։ Անիկա հրաշք մըն է, շօշափելի, սեպհական՝ երիտասարդին, որ լման օր մը հողին հետ հող ըլլալէ յետոյ, կը դառնայ իր տունը ու կը լուացուի կապոյտին կամ մեղրին մէջ կնոջը աչքերուն։ Որուն ժպիտը բաւ է անոր, որպէսզի սրբուի ժանգը, քրտինքին մշուշը, ու տառապանքը, որ կեանքն իսկ է մեր նեարդներուն խորը։ Կի՜նը ամէն բան է քանի մը տարի), բայց շահէր, պարտկէր իր էրիկը, մա՛նաւանդ զաւկները։ Անիկա յարգեց աւանդական բոլոր կարգ ու սարքը, այդ ընտրութեան համար, չափերը, թիզերը, շօշափումները, բաղնիքները, որոնք հարսնցուներու որոշումին ատեն պարզ, պարտադիր, հիմնական պայմաններ կը մնան։ Ու մի զարմանաք, որ այս զննութիւններուն արդիւնքը երեւան գայ անվրիպելի։ Պառաւներուն քով այս զգայարանքը մօտիկը կը կենայ, կենդանիներուն մէջ անվրէպ բնազդին։ Տարօրինակ այդ գիտութեան ցուցմունքովն է, որ տասը տարուան աղջնակ մը, իր որովայնին ընդունակութեանցը կողմէն գաղտնիք չունենայ պառաւին համար։ Ու շատ հազուադէպ է, որ սխալին այս գնահատումները։ Ֆիզիքական մարզին վրայ այս լուսաբանումը, թափանցումը անոնք կ՚ամրացնեն [351] բարոյականին ալ զննութեամբը։ Հոս կը միջամտեն ընտանիքին անունը, աւանդութիւնները։ Տեղն է թերեւս աւելցնել, որ առաջին մարզին անսխալական պառաւները յուսախաբ եղած ալ շատ ունեցան [352] երկրորդ գետնին վրայ։

 

Տղուն օժիտը կտրելու իջած [353] տարին, հաճի Աննան կատարն էր իր փառքին։ Անշուշտ հարսին հետ Երուսաղէմ մը պիտի վաւերագրէր այդ երջանկութիւնը, եթէ Տէրը կամենար։ Ատ ալ մօտեցած էր ահա։ Ու հիմա, անոր տունը կը վայելէր արդար խաղաղութիւն մը, արդիւնք՝ այնքան պղտոր ոգորումներու։ Տղայ կարգելը մօր մը համար թուական մը ըլլալէ տարբեր բան մըն է, մա՛նաւանդ գեղերուն մէջ։ Գալիք հարսէն գալիք խռովքներն ու տակնուվրայութիւնները չեն, որ կը շինեն այս անկիւնադարձին խորհուրդը։ Մեծ մայրը աւելի կ՚արժէ, քան մայրը։ Ու թերեւս այդ տարտամ գոհացումին առաջին ցոլքերն են, որ օժիտի համար քաղաք իջնող ամէն մօր դէմքէն զգալի կ՚ըլլան։ Ասիկա՝ սովորական կտաւէ մայրերուն համար։ Հաճի Աննա՞ն։

 

Անոր մայրութեան պէս մեծ-մայրութիւնն ալ կանչուած էր խորունկ բախումներու, տարիքին ու դէպքերուն կնիքովը եղերական։ Առայժմ անոր կը մնային՝ երիտասարդութենէն՝ քաղցր, դաշնաւոր, խելացի լեզուն, որուն զօրութիւնը պիտի չիյնար իր աստիճանէն, մինչեւ իսկ հոգէառին դիմացը։ Ազդեցութիւններ, կեդրոնէն, փեսաներէն, իր տունէն ճլտորած ու մէյ-մէկ մարդ դարձած հին ծառաներէն, ամէնուն հասնող կնիկի լայն իր կապերէն։ Հարստութիւն՝ Նալպանտենց մգլած ոսկիներէն, հաճի Սառային շղթայակերպ շարոցներէն մինչեւ նոր ոգիով շահագործուած ձիթհան գործարանը, տան պատերը հիւսող, գորգող մետաքս ու ազնիւ բուրդէ ձեռագործ զարդեղէններ։ Պարտէզնե՜րը, լայն-լայն, կոկիկ-կոկիկ, ուր չէ տրուած խիճի մը հանդիպիլ։ Նալպանտենց արիւնէն՝ հինգ հատ փեսայ՝ դուք կը ճանչնաք անոնց նկարագիրը, բայց չէք ճանչնար անոնց նուիրումը ալնըման զոքանչին, որ կուռք մը, կիսաստուած մը, հրեղէն էակ մը կը մնար անոնց աչքին, եւ որուն աղջիկներուն մէջ անոնք պաշտամունքն ու սեռը, միտքն ու միսը, գեղեցկութիւնն ու վայելքը գաւաթ-գաւաթ կը խմէին ու չէին կշտանար, աղքատիկ յարկերու մէջ այդ աղջիկներուն թափած օրհնութի՜ւնը, համը, իրենց կեսուրներուն հետ սրտառուչ ըսուելու չափ հլու եւ քաղցրաբարոյ վարմունքը փաստեր էին, որպէսզի ատ տղաքը մահուան գնով տնկուէին հո՛ն՝ ուր հաճի Աննային խօսքը իյնար աղտոտ բաներու կողքին։ Անոր ` հաճի Աննային, կը մնային տակաւին, կեանքէն՝ դառն, տրտում փորձառութիւններ, ով գիտէ ի՛նչ սեւ ջուրերէ հանուած, որոնք մեր օրերուն մէջէն կը վազեն [354] ու մելանի պէս կը ներկեն մեր յուզումները` երբեմն արեւն իսկ սեւ քսելով մեր բիբերուն։ Ո՜վ անհասելի գծծութիւնը, խեղճութիւնը կեանքին, որուն փոշին քաղաքը կու տայ, բայց որուն արիւնը, անկարելի եղերականութիւնը գեղն է, որ կը բաշխէ։ Որուն վրայ կը դողդղանք ամէնէն անպէտ վայրկեանին եւ զոր կը թողունք անայց, անգէտ, յիմար, որ հոսի, լճանայ, աղանայ, երբ կաթիլն իսկ իյնալու չէր գետին։ Անոր կը մնար, անցեալէն ծակ ականջ մը, ուր ինկած էին՝ շատ քիչ լաւ բաներու հետ՝ բանակ մը մեղք, աղտոտութիւն ու փոքրութիւններ։ Արեւելքի մէջ աչքէն աւելի զարգացած է ականջը։ Կիներուն սաւանուիլը եւ վախը պատճառներն են գուցէ այս գերզգայութեան։ Թուրքերը իրենց առջեւէն անցնող ամէն ձեւի սաւան ու լաչակ վարժուած էին սեռին սաղմոսը երգել, բարձրաղաղակ ու ջերմեռանդ։

 

Կը յարգուէր բոլորէն, շիտակ իր խօսքին եւ աննկատ իր դատաստանին համար։ Պայքարը, վէճը մշակած էին անոր մէջ խորհելու ուժ եւ խորհուրդը յայտնելու անկախ կորով։ Կը հասնէր բոլոր կարօտներուն, լայն ու արմատական շարժումներով ` պարագայէն աւելի պատճառին յարձակելով։ Իր բարիքները այսպէսով գրգիռներ կ՚ըլլային եւ կ՚ազատէին յաճախ զառիթափին վրայ, անդունդ շիտկած տունը, տանտէրը, մայրը։ Կը կազմակերպէր հիւանդները քաղաք, դարմանումի իջեցնելու այլապէս դժուար առաքելութիւններ, կռուելով տգիտութեան՝ ինչպէս նախապաշարումին դէմ։ Հաշտարարն էր անիկա կարեւոր վէճերուն ու մի զարմանաք դուք, որ չէք գիտեր, թէ ամէն բան կնիկով կը սկսի` էրիկով վերջանալու համար։ Հեղինակաւոր՝ թաղին բոլոր հարցերուն մէջ կը գործածէր զգուշութեամբ դժուարակիր այդ զէնքը [355], մա՛նաւանդ վերջերը, երբ գեղը կ՚անցնէր փոփոխման շրջանէ մը, ուր հին ու «պապենական» կարգերը կը դղրդէին, ուր հին, կտրիճ փառքերու դէմ, շահուած արդար ու մեծ դանակներով, մարտի կրկէսէն, աննահանջ արութեան մը իբր պսակ, կը ժմնէին նորեր, փոքր, նախանձոտ, հրազէնի հերոսներ, քան թէ դանակի, ուր հարսները, փոխանակ թոյն ուտելով իրենց ազատութիւնն ու ա՛լ անկորուստ հանգիստը գտնելու, լեզու կ՚ելլէին, ու իրենց էրիկներուն օձիքէն խածած զատ տունի հիմը կը դնէին։ Ան կը յաճախէր հին, հարուստ, «ադայէն-տէտէյէն» [356] ընտանիքներուն, որոնց դուռները շատ բաց չեղան իր հարսնութեան շրջանին, հաճի Սառային ու Հոս-Մնամ Մերոնին բոլորովին հակադիր, բայց պատրուակ ծառայող մեղքերուն համար։ Ու կապ էր անիկա գալիք կարգերուն։ Բայց անիկա չզիջաւ ոչ իսկ կուճուկ մատին հասակովը Իսրայէլին դէմ իր ատելութենէն։ Յայսմաւուրքին բոլոր հրաշալի պատմութիւնները, որոնք, ներող ոգիի, քրիստոնեայ անյիշաչարութեան գլուխ-գործոցներ են, անկարող եղան կտրելու երկաթը, պողպատը անոր ատելութեան։ Ժպտելով մտիկ կ՚ընէր մատուցումները երբեք Իսրայէլէն, որ իր կարգին եղունգի չափ չզիջաւ իր հայհոյանքէն, զրպարտումէն եւ հրապարակային լրբութենէն , որոնք միջնորդները կը մտածեն ուրիշին հաշւոյն։ «Ինք մեղաւոր էր», հաճի Աննան, կը խօսէր մեղմիկ, ու ինքզինքը անարժան կը դնէր հեքիաթին փառաբանած սուրբերուն, նետելու համար, կոյանոց բերանները Իսրայէլի կիներուն։ Այս խուսափումները հազիւ կը յաջողէին ծածկել անոր հոգիին ներքին անհաս, աղով ու ժահրով ծածկուած քարաժայռը, զոր ատելութիւնը շիներ, ձեւաւորեր էր իր ներսէն իրեն հանգիստին համար։ Թերեւս ինք իսկ կ՚անգիտանար չափը, կարծրութիւնը այդ զգացումին։

 

Ան չէր սիրած։ Իրարու ետեւէ իր աղջիկները անոր մէջ մայրութիւնը զարգացնելու տեղ չարափոխած էին զգացումը։ Կը զայրանար աղջիկներու այս շարանին դէմ՝ էրկա՜նը, մեռցնելու չափ կրծելով անոր միսերը, անոր մէջ հաստատելով արի՜ւնը Իսրայէլին։ Իր մանչը շատ ուշ կու գար մեղմելու թշուառական այս զգացումը։ Ե՞րբ պիտի սիրէր. էրիկը արդէն դիակ մըն էր։ Այսպէս, անոր երակներէն, ջիղերէն, ներքին հոսումներէն գոյանալիք պայծառ վիճակը, սիրաւէտ, քաղցր տաղաւարը մեր հոգիին՝ անոր մէջ մատուռ մըն էր ահարկու ատելութեան մը։ Ու շրջապատին վրայ անոր արձակումները խաղ ու պատրա՜նք։ Անհուն իր չարութիւնն էր, որ տուն կու տար իրեն իր բարիքները։ Ու ասիկա անգիտակցաբար։ Պառա՜ւը պիտի ըլլար անիկա, որ պիտի չվարանէր իր ծրագրին դէմ ելլող մարդ-արարածը մուկի նման թունաւորելու։

 

Ու մուշտակով, ու լրջութեամբ, ու ժպիտով՝ անիկա կարգեց իր տղան։ Ծոցին գիշերէն պիտի սկսէր անոր կեանքին դժբախտագոյն հատուածը [357] ։

 

Բ

 

Ու նստած են դէմ-դէմի երկու խնամիները։

 

Սենեակը, օճախով –հին ու անուանի հիւրանոցին աղքատ ընդօրինակութիւնը, ինչպէս է արդէն արդի Սերոբն ալ, ծաղրանկարը նշանաւոր իր պապուն– կը մնայ նոյնը, կահաւորման մեծ իր գիծերուն մէջ եւ կը կրկնէ հարազատ պատկերը հինգ տարի առաջուան, երբ Աղուորը մէրանցը տունէն հոս ոտք էր դրեր։ Պզտիկը, եկող տղան միայն այս սենեակներուն բան մը կ՚աւելցնէր։ Բաբէթի աչքէն կ՚անցնին թաղին բոլոր հարսները, նշանած ու տարիէն կարգուելիք աղջիկները, կտոր-կտոր շինուող պատկեր։ Կարծես երէկ պատահած ըլլար, այնքան յստակ ու իրաւ էին անոր գոյները։ Պատահարներէն, որոնք մեր օրերուն հէնքը կը կազմեն, ոմանք ինչո՛ւ ունին այս կնիքը եղած, կատարուած ըլլալու, եւ ուրիշներ՝ տժգոյն ստուեր մը միայն։ Նոյնն է սենեակը, ահաւոր ճնշումով, երբ խնամի Բաբէթը ծոցին յաջորդող ամբողջ ցերեկը մնաց հոն, աղջկանը հետ, կոտրած, նկուն, շուարուն, չհասկնալով առագաստին սա վրիպանքը, ճնշուած մա՛նաւանդ հաճի Աննայէն, որ «ըքուին բռնուած» կը խօսէր հաստատ, դէգ, ու կը մշտէր զինքը ամէն մէկ բառին, հակառակ անոր, որ իր աղքատիկ խեղճութեանը մէջ խնամի Բաբէթը իրականին մէջ կախուած էր անոր ամէն մէկ բառէն, ո՛ւր երթալը, ի՛նչ ընելը մոռցած։

 

Ու տարիներ։ Նոյնն է սենեակը։

 

Որքա՜ն աւելի շատ տեսած է այդ սենեակը, անկէ յետոյ, երկու խնամիները եւ անոնց լուռ, սրտակեղեք արցունքները։ Ի՜նչ հերոսական, բայց անգործադրելի որոշումներ մտիկ է ըրած անոր հանդարտ օճախը։ Ու ի՜նչ դայեկներ…

 

Անոնք հիմա, ա՛յս առտու, պարտաւոր են անցնելու հերոսական որոշումին։ Հինգ տարուան ողբերգութենէ մը ետք, անոնք պիտի փորձեն ինչ որ մարդուն բերանը վրայ չ՚երթար ըսելու։ Օճախին սիրուն, զաւակ մը ճարելու յոյսով, անոնք Աղուորը, Նալպանտենց անուանի հարսը ծոցը պիտի տան այս գիշեր տանը ծառային, Սողոմենց Սողոմին։

 

Վճռական ու արի է հաճի Աննան։ Ա՛յնքան՝ որ խնամի Բաբէթը տեսակ մը երկիւղով կը դատէ այս սառնութիւնը։ Ի՜նչ յստակ են անոր բառերը։ Ի՜նչ հանդարտ, համոզկեր՝ անոր արտայայտութիւնը։ Ի՜նչ արդար՝ անոր փաստերը, որոնք եղի պէս ջուրին երեսը կը հանեն ու կը փայլեցնեն գեղին մէջ ամէնէն անարգ այդ մեղքը։ Ամէն ինչ քաղցր, օծուն ու բնական։ Այնքան փո՛րձ՝ վիճակ ու կանխապատրաստութիւն, որ Բաբէթը մտքով կը բարձրանայ այն օրերուն, երբ գեղը կասկածի տակ ձգեց Աննային արգանդը, նոյն գիծէն՝ թիրիթ Կարապետին առնութիւնը։ Ան օրերուն ինքն ալ տաք փէշեր ունէր եւ ատանկ ձայները [358] մարմին ունեցող բաներուն նման կը քսուէին իր միսերուն։ Բայց անիկա պարզ էր ու աղքատ։ Լսած ու խաչ մը հանելով ետին էր նետած անօրէն բամբասանքը։ Ատանկ անաստուած խօսքերու մէջ իրեն չէր տրուած հէնք խառնել։

 

-- Տղուն ո՞վ ըսէ։

 

Հիմնական տագնա՛պը, որ առանցքը կը կազմէր այս երկարաձիգ վարանումին։ Որուն առջեւ անոնք ընկրկած էին անգամ մը անցեալ տարի։ Երկու կիներն ալ դէզ-դէզ ունէին պատրուակներ, իրարու վրայ նետելու տաժանելի դերը՝ առաջարկումին։ Հաճի Աննան, իբր կեսուր, կշիռքին տակն էր հզօր ու հաստատ աւանդութեան։ Գերագոյն պատասխանատուն էր իր օճախին պատիւին ու կը մարմնացնէր աշխարհի աչքին անկաշառ ու արթուն պահակը իրեն յանձնուած հարսերուն նամուսին։ Կեսուրը մեգերա է այդ մարզին վրայ։ Գեղին պատմութիւնը անուններ ունի, բաւական ալ, մայրերու՝ որոնք իրենց աղջիկները օտարին անկողինը յանձնեցին։ Բայց մէկ հատիկ իսկ չունի կեսուրներէն՝ այդ մեղքով մեղաւոր։ Այս իրողութիւնը ուժ կու տար հաճի Աննային՝ խնամի Բաբէթէն սպասելու ազատարար նախաձեռնութիւնը։

 

Ան չէր կրնար այսքան անզգամ բան մը ներել իր բերանին։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ, իր ընկրկումին ի նպաստ իր փաստարկութիւնները, իր մանուածապատ լուծումները, աւելի հարազատ բառով՝ վերլուծումները մնացեր էին անզօր, երբ կարգը եկած էր որոշումէն գործի անցնելուն։ Ու դառնութեամբ տեսած էր, որ իր սարսափը կը միանար Բաբէթին արդար սարսափին։ Ի զուր ան օգնութիւն փնտռեց իր նիւթապաշտ բնազդներէն, ի զուր իր գործնական առաքինութիւնները հրապարակ կանչեց ու բռնի իր աչքերուն դէմ դիմացուց կարելի, հաւանական տեսարաններ, որոնց մէջ Նալպանտենց տղաքը հեգնելով ու հայհոյելով վրան կը նստէին իր այնքան սիրած կալուածներուն` զինքը նետելով Հոս-Մնամին խաւար անկիւնը, կը գրաւէին սա գեղեցիկ տունը, որուն ամէն մէկ ծեփին մէջ անոր մատներէն միս էր կաթեր։ Հաճի Աննան իր տունն ու կալուածները կը սիրէր զգայարանքներով։ Անոնց եւ իր մէջտեղը ձգուածը պարապութիւն չէր, այլ՝ աներեւոյթ, բայց զգալի ոստայն մը։ Դպիլ մէկուն, հաւասար էր թրթռացնել միւսը։ Այս տիպերը աւելի կը տառապին, քան ագահները։ Ու անհանդուրժելի են, երբ ուժ ունենան։ Նման մտապատկերներու դէմ, անոր ատելութիւնը կը կարծրանար, կը լարէր իր կամքին ոսկորները եւ կը նետէր դէպի վճռականութիւն, աչքերը մոլորած ու պատրաստ ամէն զոհողութեան։ Բայց երբ ոտք ելլէր երազին բեռէն ու նայէր հարսին անմեղ հասակին, կը կործանէր ատելութեան այդ կազմածը ինքնիրեն։ Կը նետուէր վար, զգոյշ ու վախկոտ, հոն հանդիպիլ կարծելով մտածումին ստուերը [359] ։ Աչքէ կ՚անցընէր Սողոմին խցիկը, չտեսնուելու ճիգով մը հարսէն։ Աղուորին շատ արտօնուած չէր երեւիլ տունին այդ բաժինին մէջ, գիշերները, չարքերու պատրուակին տակ։ Հոգեբան պառաւը կը զգուշացնէր հարսը, ցերեկներն իսկ, թափառելու խուցին մօտերը, երբ ծառաները արտն ալ ըլլային։ Այսպէս, հինգ տարուան հարս, Աղուորը կեսուրին ժամ եղած ատենը միայն կրնար բանալ ծառային խուցը։ Ի՞նչ կը փնտռէր մատաղատի կինը այդ չարքաշ խցիկին մէջ, ուր հաստատ անկողին մը եւ պատէն կախ դաշոյններ կը պահէին իրեն երկիւղած նայուածքը։ Ի՞նչ կը փնտռեն ամուլ հարսները, երբ կ՚անցնին անտես ալիքներու վրայէ…։ Բայց ինչո՞ւ կ՚իջնար պառաւը հոն։ Ի՞նչ էր փնտռածը։ Չէր գիտեր, աւելի ճիշդը՝ միտքը կը զգուշացնէր ատոր թափանցումը ընելէ։ Եղաւ ատեն մը, ուր մտադրեց վերցնել արգելքը, անցեալ տարի, երբ նոր ծառան, Սողոմենց Սողոմը առաջին օրը ըրաւ տունին։ Նամեհրամի մօտ այս զգուշաւորութիւնը՝ հաճի Աննային երիտասարդ օրերու կտակ՝ արմատացած սովորութիւն էր ա՛լ տունին համար։ Ու մեր զգայարանքները շատ աւելի պահպանողական են, քան մեր միտքը։ Սողոմը մտադրած էր ան խառնել տունի կեանքին։ Բայց կը վախնար իր տղայէն, որ կարգուելէն ասդին, եղած էր նախանձոտ ու դաժան մարդ մը` ծածկամիտ ու խորախորհուրդ։ Որ ասեղին ծակէն Պաղտատ կը տեսնէր եւ տունին բոլոր գիծերուն աղիւսակը կը պահէր մտքին մէջ գոց` տեսնելով ամէն խախտած, տեղէն քիչ մը դուրս ելած առարկան ու ատոր արտադրումին համար գործածուած ուժին աղբիւրները հետազօտելով։ Որ կը պահէր իր կնիկը, ներքինիի մը նման, որուն վաւերական յատկանիշը կը պահէր արդէն ողնուղեղին մէջ, ջուրով լեցուած խողովա՛կ։ Միւս կողմէն՝ հաճի Աննային հոգին կը խռովէր հարսին պատկերովը, որ օտար էր ու հեռու մեղքի նոյնիսկ ստուերէն։ Ու անմռունչ, անպատմելի անոր համակերպութիւնը կը տեսնէր ան խորապէս յուզուած` մեղքնալով անոր գիշերներուն, լալով իր տղուն դժբախտութեանը վրայ, բայց զմայլելով իր հարսին՝ որ կը պահէր լեզուն ձիգ, տանելով անկողինին դժոխքը, առանց որ դուրս բան թափէր ծակէ ու ճեղքէ։ Կիներ կան ու թերեւս շատ ալ, որոնք պիտի տառապին մեղքին ուրուականէն ու անկէ խուսափելու համար պիտի զգուշանան անոր ճամբաներէն, այսինքն՝ արձակ, ընդարձակ կեանքէն։ Կրնան յաջողիլ։ Անոնք պիտի ծերանան, յիմար գոհացումովը արտաքին դատումին ու պիտի սուզուին ապուշացման ծոցը ` յիշելով շրջանը, երբ միս ունէին։ Ուրիշներ պիտի քսուին մեղքին, անկէ պաշարուին պիտի, բայց պիտի չգիտնան զայն, որովհետեւ անոնք պիտի խաղան անոր հետ միամտութեամբ ու սիրով, ինչպէս երկամեայ մանուկը՝ օձին հետ։ Անոնց մէջ կարելի է հանդիպիլ այն սրբազան դէմքերուն, որոնք խաչով ու Աւետարանով պսակուած ըլլալնուն, ընդունած են իրենց կուսութիւնը՝ անհուպ ու անշամանդաղ գերեզման տանիլ, առանց որ մէկը կասկածի այս ողբերգութիւնը։ Երկու պարագային ալ գործ ունինք ճակատագրական յարդարանքի մը հետ, որուն դէմ ընդվզումը ով գիտէ մինչեւ ո՛ւր, ո՛ր անդունդները պիտի տանէր ափ մը օրերու սա գուպարը մենէ շատերու հաշւոյն։ Օրինակ, միջավայր, աւանդութիւններ, երբեմն քիչ մը արիւն, այսինքն՝ ժառանգականութիւն թերեւս դեր ունին, երբ գեղացի հարսնուկ մը կը մալէ իր արգանդը։ Նոյն այդ պայմանները մուտք ունին, երբ ուրիշ մը պատռտէ բարքերուն երկաթ լաչակը իր որովայնին վրայէն եւ նետուի իր սիրածին ետեւէն։ Բայց ասիկա բացառութիւնն է հազարներու մէջէն։ Սեռային յիմարութիւնը ոչ ոք թող համարձակի դատել։ Անիկա իրաւ է միւս բոլոր յիմարութեանց նման ու արիւնոտ։ Սովորական, այսինքն՝ խելօք կինը, նոյնիսկ ամուլ՝ էրկանը ճամբաներէն՝ կը քաշէ լաչակը գլխին, կը գիրնայ երեսունը չանցած ու, ամուր պաշտպանելով իր վտանգայոյզ փէշերը, ինքզինքը համոզելով, մա՛նաւանդ էրիկը, զոր առած է իր ճանկերուն մէջ, կեսուրը կը նետէ անկիւնի անգործութեան կամ դէպի ժամ կկոցումին քանի որ թոռներու պակասը աւելորդ կ՚ընէ ասոնց տեղն ու դերը ու կ՚ապրի տեսակ մը նախանձուած կենցաղ, հանրանուէր ու առատ։ Բարի է ան ու սիրաբուխ, բռնակալ ու անդիմադրելի, ա՛յնքան՝ որ մարդ կը փորձուի խորհիլ փատցած աղջիկներուն ու անզգայ քարերուն։ Ժամ ու աղօթք։ Աղքատներուն ու անկարներուն այցեր ու նպաստ։ Կնունքներէ կ՚ախորժի ու հարիւրներով սան կը համրէ։ Բայց անհնարին ուժգնութեամբ մը կ՚ատէ ներերը, տագրերը, անոնց պզտիկները ` գտած ու հաստատած ըլլալով անոնց մէջ ժառանգական, անհաշտ թշնամին, որուն դերը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ սպասել ու սպասել քայքայումը անոր սեպհական տունին, անվրէպ ու անձանձիր ախորժակովը բոլոր ժառանգողներուն։ Ահա գլխաւոր գիծերուն մէջ այս շրջուած ողբերգութիւնը, որ կը զատուի վաւերականէն իր վախճանին սկիզբ ըլլալովը միայն։ Գեղը հետզհետէ աւելի շատ կը համրէ անոնցմէ։ Երբեմն, հրաշքն ու ուխտերը, մինչեւ Արմաշ բոպիկ քալուածք մը, երեսունի դուռներուն, կը յաջողին կենսաւորել սառած արգանդը։ Բայց այս հեռաւոր ուխտերը կասկածէ զերծ չեն։ Բարքերու փոփոխումին հետ նոր մեղքեր, զաւակ ճարելու նոր կերպեր կը տարաձայնուին, միտքէ չանցնելու չափ ճարտարահիւս եղանակներ, վէպեր։ Ասոր համար է, որ այրերը կը նախընտրեն իրենց կալուածներուն, քան թէ պատիւին մէջ հարուածուիլ։ Ու դուք տակաւին անունն ու մանկութիւնը միայն կը ճանչնաք Նալպանտենց Սերոբին։

 

Նալպանտենց Սերոբ աղան, ինչպէս կ՚ըսեն յիսունը անցուկ ծերեր, որոնք տարին չորս-հինգ տաղաւարներուն կ՚երեւին գեղամէջ, խոշոր ու նոր եմէնի ները ճղռտացնելէն, եւ որոնք գեղէն պիտի ճանչնան այնքան բան, որքան Հայրապենց աղբիւրին կոճը։ Սերոբէ էֆէնտի՛ն, ինչպէս կը գրեն հիմա, կառավարութեան կողմէ զանազան թուղթեր, երբ պէտքի վրայ զայն կեդրոն կը հրաւիրեն։ Կամ Նալպանտենց Սերոբը՝ ինչպէս վարժուած է դպրոցի սեմէն, տարեկից երիտասարդութիւնը զինքը որակել։ Անիկա երեք անուններու տակ ալ, ու անոնցմէ անդին՝ դէմք է գեղին մէջ։ Բայց նախ անոր երկրորդ մանկութիւնը, որ նիւթ է տուած շատ մը զրոյցներու։ Խարտեաշ, կապուտիկ աչքեր, շատ բաց մորթ, որ արեւէն հեռու պահուելուն, ա՛լ աւելի կը ճերմկի։ Ծնունդի ոսկրային փոքրութիւնը շատ դժուար ազդուեցաւ տարիներէն, որոնք աւելցան, բայց չաւելցուցին անո ր հասակը ընկալեալ կանգունով։ Աճումի այս դանդաղութիւնը կարծես կը վայլէր իրեն։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ կը վայելցնէր ինքը, հեշտագին մնալով մանկութեան սահմաններուն ` ուշանալով, չելլելով անկէ։ Հակառակ մեծահարուստի տղայ ըլլալուն, ան շատ քիչ կը փոխէր իր զգեստները, որոնք չէին ալ հիննար, կերպասին լաւութենէն դուրս, մէջի մարմինին խելօքութենէն։ Տարինե՜ր կը տեսնուէր նոյն չուխայիկը, նոյն կօշիկը։ Աւազանի ընկերները շատոնց շուք կու տային իրեն ու անիկա պիտի նմանէր քոքուր ներուն, որոնք մարմնապէս եւ իմացապէս զարնուածներ, կը կենային տասնհինգին ու մինչեւ երեսուն մատ մը բան չէին աճեր, հաւաքելով միշտ իրենց շուրջ իրենցմէ փոքրերը, որոնք, իրենց կարգին, կը մեծնային ու կ՚երթային իրենց տարիքին հակումներուն։ Բայց դրամը, մա՛նաւանդ խելքը կը փոխէր պատկերը։ Նալպանտենց Սերոբը դպրոցին ամէնէն խելացի եւ սատանորդի մուկերէն մէկն էր, որ յանցանքը ունէր մեծնալ չսորվելու ։ Քսանի դուռներուն՝ անոր մարմինը դեռ կը վարանէր պատանութեան անստոյգ մոյնքին մէջ, որ անոր սեռը կարճ մազերուն միայն կը հաւաքէր [360] ։ Մնացեալը՝ այտ, ձուածիր, շրթունք, քիչ մը ձայնը, անհունապէս կենդանի ու էգ աչքերը կը հակէին դէպի աղջիկը։ Մարմինէն այսքան քիչ, այլապէս կշռող այս տղան «խելքի սնտուկ» մըն էր վարժապետին ու տէրտէրներուն վկայութեամբը։ Հարուստի զաւակ, տունին ոչ մէկ կողմով պիտանի՝ անիկա տարիներով մնաց դպրոցին մէջ։ Թզուկի, ներքինիի զոյգ յատկութիւններովը, ուրիշ հաստ, դդումգլուխ ընկերներուն իր մատուցած աջակցութեամբը անոնց դասերուն, մա՛նաւանդ տունէն բերուած պէսպիսի քաղցրուեղէններովը անիկա փորձանքը դարձաւ աշակերտներուն ու վարժապետին։ Շատոնց գիտէր անկէ աւելի։ Բայց իր ծաւալումին, գետին շահելուն, դէմք մը դառնալուն կը վնասէր ճղճիմ իր հասակը, որ չէր դիմանար երկու բռունցքի։ Ու եթէ հարուստները, ինչպէս պատմեցի, իմ օրերուս, կը մտնէին դպրոցէն ներս, չէին մտներ կիներով, բացի հաճի Աննայէն, այլ՝ իրենց իսկ տղոցը հսկայ ու բիրտ մարմիններով։ Խելացի, անշուշտ։ Դպրոցը չունեցաւ անոր նմանը գրաբար լուծող եւ «Ճարտասանական պէտք» եր շարադրող, զոր մենէ ետքը, Արմաշ տեսնող վարժապետ մը՝ Մավեան անունով մարդու մը տետրակէն կը սորվեցնէր, ինչպէս հաստատեցի աւելի ուշ, գեղ դառնալուս։ Խելացի՝ բայց մասնաւոր երանգով մը, ուրիշները նեղը ձգելու, չարչարելու, իրար խառնելու շատ զօրաւոր ցանկութիւններով։ Անդադար արթուն, չփլելու համար բռունցքի մը տակ՝ իր մարմինին փոքրութեանը պատճառով, ան կը դարմանէր այդ պակասը, ուրիշներուն բազուկներով, տունին պտուղներէն վարձելով աղքատիկ տղաքը, որոնք շուրջը կը դառնային գավազի նման։ Ան չմնաց հոդ։ Վարձեց միւսներն ալ, իր իսկ մարմինով, զոր կը տրամադրէր ուժեղ եւ կատաղի պատանիներուն։ Այսպէսով ան ստեղծեց դպրոցէն իսկ ընդարձակ տրամ մը։ Փափուկ իր դիմագիծերը մնացին թուլիկ ու չհագան առնական ջրդեղ, ու կինը եղաւ անիկա կարգով, իր ընկերներուն։

 

Գրգռեց նախանձի հզօր տրամներ։ Մէկ ձեռքը կոտրած տղայ մը, որուն հասակը ճիշդ կրկինը կ՚ըլլար Սերոբին, անոր համար տարիներ գնաց ու եկաւ ` չզատուելով դպրոցէն, հակառակ նշանուելուն, կարգուելու իսկ հասուկ ըլլալուն։ Խենթ, տարուած, կատարելապէս սիրահար այդ տղան, աչքը «արունն առած» դանկըտեց, անոր քմայքովը, իր ընկերները։ Ու քիչ մնաց, որ տուն աւրուէր անոր պատճառով։ Անոր սիրահարները կը տառապէին իրարմէ աւելի անոր իսկ հաշւոյն։ Հեշտա՞նք։ Ապականութի՞ւն։ Անիկա անմասն էր առաջինէն ` վաճառելով զայն անփոյթ ապրանքի մը պէս։ Բայց անհուն էր իր հաճոյքը այն տառապանքին համար, զոր կը պարտադրէր իր շուրջը կտղուցով շուներու նման դարձողներուն, իր քմայքներովը, մերժումներովը, խուսափումներովը, քաջալերովը։ Խորապէս էգ այս զգայնութեան սա խաղերը բա՞ն մը կը փաստեն։ Ինչ որ պիտի գիտնանք աւելի վերջը իր մասին, մեզի կարեւոր կ՚ընէ այս մութ, տխուր կողմերն ալ անոր մարմինին։ Կը գրգռէր, բայց չկար։ Կ՚երեւէր, կը խենթեցնէր ու կ՚ապաստանէր տուն։ Ու անոր հետքերուն վրայ տղաքը հիւանդ կ՚իյնային։ Անոր դպրոց չեկած օրը սուգի պէս բան մը կը պաշարէր կարգերը։ Ու խումբով կ՚երթային սլքտալ Նալպանտենց պարտէզն ի վար, դրան առջեւ ` անոր դէմքը գէթ հեռուէն տեսնելու երազով։ Գիտէր։ Ու կը պակսէր յաճախակի։ Ի՛նչ հարկ այս դրուագումին…։ Ուրիշներուն վրայ ի գործ դրուած այս տառապանքը պէտք մը դարձաւ գուցէ անոր այլապէս դժբախտ, անկանգնելի ջիղերուն, որոնք սեռային մարզին վրայ իրենց դեռ անգիտակից կուրութեան, ամլութեան փոխարինումը կը գտնէին մարդերու հասցուած թաքուն կսկիծին մէջ, չգոհացուած սեռականութեան մռայլ գուպարը, զոր այնքան տարտամ կ՚ընդզգան ներքինիները, ինչպէս աչքէ զրկուած մը՝ այնքան կարօտահիւծ կը բաղձայ լոյսին թրթռումը՝ իր արտեւաններուն վրայ։

 

Ու տարիքին մէջ քալելէ ետքն ալ ան չկրցաւ խելօք ըլլալ։ Օր մը, վերջապէս, պարտաւորուեցաւ, քսան տարեկանին, տասնըչորսամեայ տղու մը կազմը հազիւ հաւաքած, դուրս ելլել դպրոցէն, արիւնի չտանելու համար երկու ընտանիքներու երկու հսկայ գամբռերը, որոնք անոր մարմինին վրայ իրար բզկտեցին։ Ուղեղով կազմուած, սորված էր տաճկերէնն ալ, մոլլայի մը չափ։ Բայց շարունակեց խառնակ իր պատանութիւնը։ Ու առնուազն պառկեցաւ ծոցը իր տանը ծառաներուն ` խաբելով մայրը, որ ոչինչ գիտէր։

 

Ամուսնացաւ, քսանհինգին մօտ, մերժումներէ, ձգձգումներէ, բուռն տեսիլներէ [361] ետքը։ Աւելի ճիշդ՝ հակառակած չըլլալու համար մօրը։ Շատ աւելի ճիշդը՝ հերքելու համար իր յապաղումին, տնտնալուն խորհրդաւոր առասպելը, զոր կը լուսաւորէին հոս ու հոն պատմուած տխուր բաներ։ Չըսի ձեզի, թէ պեխերը հազիւ ուրուացան։ Դէմքն ալ չէր ինկած կանացի իր կաղապարէն։ Ձայնը միայն հակած էր դէպի առնութիւն, բայց էր շատ մեղմիկ, կարծես ծերուկի մը հետ փոխանակած ըլլար իր հագագը։ Ամուսնացաւ, գուցէ գտնելու յոյսով ան իսկ, զոր իր անկողինները չէին տուած իրեն։ Ու անոր առագաստին գիշերը եղաւ եղերական բան մը։ Լուսցուց անիկա իր կնիկին ծոցը այնպէս՝ ինչպէս կը լուսցնէր երբ կնիկն էր ուրիշներուն։

 

Վերջին հիւանդութիւնը, տեսակ մը ժանտ տենդ, որ երկու ամիս անկողնին գամեց անոր մանր կմախքը, արժած է անոր՝ գեղեցիկ իր մազերը։ Մերկ է հիմա, փայլուն, փառաւոր իր գլուխը, շքեղ կոչուելու չափ, երբ ըլլայ առանց գլխարկի։ Վաղահասօրէն գէր երիտասարդիկ մըն է, զոր կնոջ մը լաթերը եւ ամուր լաչակ մը անճանաչելիօրէն կին մը ընէին պիտի։ Երեսները դեռ կը պահեն պատանութեան քաղցր հով մը, որ խոտոր կը համեմատէր անոր հոգիին անյատակ դաժանութեան հետ։ Փոքրացած են, թաղուելու չափ հաստ թարթիչներուն մէջ, աչքերը ու անոր մարմինը, յետոյքէն աճած, գտած է ներդաշնակութիւն մը, որ կիներուն կորաձեւերը կը յիշեցնէ…։

 

Տարիները աղօտացուցին անոր մեղքերը: [362] Ու անոր խելքը [363] շատ մը առիթներով օգտակար եղած է գեղին, որ շատ շուտ կը մոռնայ աղտոտ՝ ինչպէս մաքուր բաները։ Ինչ որ իր մասնագիտութիւնը մնաց դպրոցին մէջ, շուկայի երեսին կը կազմէ դարձեալ անոր սիրական զբաղումը, իրար ձգել։ Ան տաղանդ ունի իրարմով կոտրելու գեղին նորելուկ ու բռնակալ երիտասարդութիւնը։ Այդ տաղանդը կը տարածուի մինչեւ դրացի գեղերուն երեւելի թուրքերը, զորս պերճ, մանր ու սողոսկուն լեզուովը կը վաստկի իր պաշտպանած դատին եւ զանոնք իրարու դէմ կը լարէ։ Նոյն թաքթիք ը գեղին աղաներուն հանդէպ, որոնք ուժի, դրամի, դանակի մարդեր, անատակ՝ եթէ ոչ սուտին, գոնէ՛ անոր [364] շահագործումին, դիւրաւ կ՚իյնան իրարու ճիտին, առանց ստուգելու գոնէ վաւերականութիւնը վերագրումին, ամբողջ ու մէկ կտոր փրթած Սերոբին ուղեղէն՝ ինչպէս Աթենա՜սը…։

 

Ան դիւանագիտական բարձրութեան հասցուց գեղին մէջ բարակ ու անվնաս քսութիւնը։ Մնայուն մէկը ունի դէմը, հետը լեզու բարտելու, յօնքով, ձեռքով, դէմքով լրացնելու կարեւորութիւնը, զոր կու տայ իր հաղորդումին, ամէնուն աչքին դէմ, ամէնէն գաղտնի, միշտ աս ու ան կոխելով [365] կամ կոյանոցը թաթխելով։ Սրճարանի մուկ՝ անիկա հոտ կ՚առնէ գեղին բոլոր պատահարներէն։ Անհուն է իր հաճոյքը՝ հարկահանները նեղը դնելու, եւ քերծէի մը պէս թաթը վրան կ՚արձակէ հաշիւներուն խարդախ կէտերուն։ Վայելչութեամբ, կորովով, փաստաբանի պէս աբուգաթ մօրը աբուգաթ տղան կը պաշտպանէ գեղին իրաւունքները տգէտ պաշտօնեաներու, ոստիկանի, յիսնապետի կտորներուն դէմ, ինչպէս կ՚ախորժի անուանել զանոնք, երբ նախապէս վարձելով հաճութիւնը թուրք երեւելիներուն, հարիւրապետին, գայմագամին, աւելի վերջը պիտի գիտնաք, թէ ի՞նչ գնով, քիթերնին կոտրելով ետ կը ճամբէ գեղէն։ Ազդեցիկ դրամը, դիրքը ե՛րբ չեն տուած այդ հովը մեզի պետական լեզուն գրող ու կարդացող, որչափ կը ներուի ընել ատիկա Միհրան Աբիկեանի «Կիւլտեսթէ» ներով, անիկա իր օրուան մեծ մասը կ՚անցընէ Մենծ-խայֆէ ն, աւանդական սրճարանը, ուր մուշտակաւոր հաճի աղաները, պատկառելի եւ ձիւնի պէս ալեւոր ծերունիները մուտք ունէին միայն քառորդ դար առաջ։ Բայց հիմա տարիքէն աւելի խելքը, դրամը, գործ տեսնելու ընդունակութիւնները կը միջամտեն ` բանալու համար դուռը այդ խորհրդարանին։ Մնաց որ, ժամանակներուն փափկութիւնը անպակաս կ՚ընէ ոստիկանները եւ անոնց թղթածրարները։ Սերոբէ էֆէնտին պատուակալ խմբագրողն է այս թղթակցութեան գեղին եւ կառավարական [366] կեդրոնին միջեւ, երեք ժամ հեռու գեղ մը։ Կը խաղայ կիրքով թուղթ կամ նարտ, ա՛յնքան՝ որ մարդ կը զարմանայ փոքր այդ մարմինէն այս ճամբով ճարուած կրակին։ Կը հայհոյէ, լիրբ, տգեղ, թուրքի պէս, որոնց հետ իր շփումը ստացած է ա՛լ հրապարակային նկարագիր։ Սկիզբները անիկա հոգաբարձու ալ եղաւ։ Բայց քաշուեցաւ շուտ, վասնզի դպրոցը շատ հասարակաց է եւ ամէն տուն տղայ ունի հոն։ Հետեւա ՞ նքը։ Բայց պարզ։ Փորձանք ու փորձանք։ Վարժապետը, հիմա վարժապետները, քաշելիք ունին պզտիկներէն աւելի անոնց հայրերէն։ Շաբաթ չ՚անցնիր, որ իր տղուն կողմէ եղած բողոքի մը վրայ, հայր մը, ատրճանակը մէջքին, չներկայանայ դպրոց, չպահանջէ այս ու այն տիրացուն վարժապետը միշտ տիրացու է գեղին մէջ ու չսպառնայ կոտրտել գլխուն «թասը», ատրճանակի կոթովը, գնդակը անարժան համարելով անոր դդում գլուխին։ Հոգաբարձո՞ւն։ Նալպանտենց Սերոբը հոգին անապատը չէ գտած [367] ։ Ու երկու անգամ նեղի դրուելէ յետոյ, երդում է ըրած չխառնուելու տէյպատան (դպրատան) գործերուն։ Փնտռուած, շոյուած, վախցուած, նախատուած, բայց դէմք է անիկա։ Ահաւոր՝ անոր կարծրասրտութիւնը դրամի հանդէպ։ Ոչ ոք կը մօտենայ այդ երիտասարդին սրտի չորութեան, նոյնիսկ կծծութեան մէջ ալ կրացած համբաւով, միսի տեղ իրենց տրեխը կրծողները։ Անոնք կ՚ընեն ատիկա, ինչպէս նկարագրի բխում մը։ Նալպանտենց տղան իր տունին համար ափերով ոսկի կը ծախսէ։ Օր կ՚ըլլայ, որ սրճարան մը մարդ կը մեծարուի իր սուրճով, Բայց տոկոսի սակին վրայ անիկա նմանը չունի։ Իր մուրհակները գլուխգործոցներ են կործանարար յանձնառութեանց, որոնք կը կորզէ նեղը մնացած թշուառական արարածներէ։ Իր վաշխը, արդի, հետեւաբար միօրինակ, կարծր է պողպատին նման։ Իր դրամները շրջաբերութեան կ՚ելլեն գեղին ամէնէն նեղ ամիսներուն, ապրիլին ու մ այիսին, ու անպայման կը վերադառնան Նալպանտենց նկուղները, օրինաւորապէս կատարելէ յետոյ իրենց կողոպուտի պաշտօնը։ Ոչ մէկ փոխառու մտքէն կ՚անցընէ ձգձգել անկէ առնուածը։ Պատիժ, կարիճ, օ՛ձ է անիկա տկարին ճիտին։ Անշուշտ չեն վախնար անոր մատ մը հասակէն, ինչպէս մինչեւ կոճերը հասնող շալվարէն։ Բայց… ու այս «բայցը» հասկնալի պիտի ըլլայ աւելի ուշ։ Այսպէս իր սարսափը, հետզհետէ աճող հիւանդութիւնները, որոնց ընթացքին գեղացին կը ծախէ իր հողերը եւ այնպէս կը մեռնի, տուրքերուն կրկնապատկուիլը նպաստեցին ու կարճ տարիներու մէջ ան կրկնապատկեց, պարզ իր տոկոսովը, չոր իր դրամը։ Դրամին ջիղը, ինչպէս ուրիշները տառապեցնելու իր մոլութիւնը՝ կը շինեն այս մարդուն հոգեկան յատակը։

 

Ուրիշ մարզի մէջ, անիկա անզգայ է՝ շեմի քարին պէս։ Ոչ ոքի սիրտ կը բանայ, ինչպէս ոչ ոքէ կ՚ախորժի լսել սրտի խօսքեր։ Կարգուելէն քանի մը տարի ետքը, երբ անոր անկողինը նկարագիր հագաւ գեղին աչքին ու մեղքցողներու բանակ մը սկսաւ դարպասն ընել անոր դրամին ու կնիկին, ան մէկ հարուածով կտրեց-նետեց այդ շարժումը ` զրահուելով իր դառնութեանը ետին, շինելով անհոգ դէմք, յուսալից կերպարանք։ Ատոր համար է, որ ամէն տարի, ծաղիկներու ամսուն, իր դրամները ապահով զետեղելէ յետոյ, կ՚անցնի Պրուսայի ջերմուկները, իր խոստովանութեամբը՝ ոտքի ցաւ մը դարմանելու ծծմբոտ տաք ջուրին մէջ, սուտ մը՝ զոր յերիւրած է մէկ կտոր եւ ի հաշիւ որու, քանի մը օր ալ գաւազանով կը պտտի գեղին մէջ։ Ոչ ոք, բացի կնոջմէն եւ մօրմէն, տեղեակ է անոր այս հնարքին։

 

Ջերմուկներէն դարձին, առնութիւնը, անոր մէջ, կարծես ինքզինքը ձմեռէն ազատող ծիլին նման կը շարժտկի, ստուերի պէս բան մը կը հոսի անոր ողնէն ու կը հաւաքուի դէպի կեդրոնը, ինչպէս հեռաւոր խորշերէն մշուշի մը թեւը կը հաւաքէ ինքզինքը դաշտերուն ծալքերէն։

 

Այդ շաբթու անիկա կը խածնէ իր կինը աւելի մեղմ, արուի ակռաներով։ Ու հեշտանքի ծուէն մը, պաղ ու քիչ, կը բաբախէ անոր զիստերուն անկիւնին մէջ։ Բայց դառն է այդ վաղանցուկ պատրանքը։ Քրտինքն ու բարկութիւնը կը խղդեն այդ ուրուացումը։ Երկրորդ շաբթուն՝ արդէն կը սմքի ամէն գալարք [368] եւ մարմինը կը դառնայ իր անզգած խաղաղութեան։ Ամուսնութեան երկրորդ տարին անիկա գնաց թագաւորանիստ քաղաքը, բժիշկներու թագաւորին։ Բժիշկը զայն գտաւ երիտասարդ, յոյս դրաւ ապագային վրայ եւ ետ ղրկեց զինքը` ջերմուկներուն յանձնելով պաշտօնը, անոր առնութեան սառոյցները լուծելու։ Ու հետզհետէ անոր մէջ ամրացաւ այն շէնքը, որ յամառած էր տեւելու անոր բազմամեայ պատանութեան մէջ։ Ըսի, թէ քիչցան մազերը։ Քիթին տակ գրեթէ չբուսան անոնք ու մեղմացաւ, շատ քիչ՝ ձայնին արծաթ մանկութիւնը։ Իր խօսիլը հաճոյք մըն էր, տղայութեանը։ Երիտասարդ՝ անիկա գտաւ նոյն այդ համը, բայց որձեւէգ կնիքէն ազատ շեշտումով։ Այս նուազումին հետ աճումը երբ կը կասի՝ արժանի է այդ վերագրումին բացուեցան, ինչպէս գիտէք, անոր իմացական դուռները։ Կը ճանչնաք զինքը հանրային մարզին վրայ։ Ու ահա աւելի գիծեր։ Խառնակիչ, աւելի բամբասող, քան ամէնէն վաւերական կնիկը՝ անիկա ձայն ունեցաւ էրիկ - կնկան վէճերուն մէջ, խոր, հասկցող, դատող։ Որ մէկ նայուածքով կը թափանցէր թնճուկին ալքը եւ մատ կը նետէր հիմնական լարին, գիտուններուն բառովը՝ զսպանակին։ Գերդաստանէ գերդաստան խոշոր կռիւներու մէջ՝ ան խօսեցաւ երկու կողմերուն, առտուն՝ պաշտպանելով առաջինը, իրիկունը՝ խրատելով երկրորդը։ Կը վախնար արիւնէն։ Բայց խուլ համ մը կը տարածուէր իր ջիղերուն վրայ, երբ կորովի երիտասարդներ իյնային իրար կոտրտելով, կնիկներու ճամբաներէն։ Բոլոր անոնք, որ գործածեր էին զինքը, շատոնց կարգուած ու ընկճուած տան ու տղու հոգերէն, զարմանքով կը հետեւէին անոր ամբարձումին։ Անոր հարստութեան խօլարձակ աճումը, անունին պսակուիլը, իւղոտ ու ողորկ մարմինը, ուր փորը կը սկսէր կշիռ ունենալ, պատճառներ էին, որ խեղճ այդ տղաքը հայհոյէին աշխարհին ու դրամին։ Անոնք անխնայ հարուածուեցան, բոլորն ալ անուղղակի, անծանօթ թաթերով, ամէն անգամ, որ հին իրաւունքի մը իբր վերյիշեցումը մօտեցան անոր ու իրենց մէկ գործին համար անոր միջամտութիւնը խնդրեցին։ Հիմա վարժուեցաւ կռիւ ալ ընելու, անշուշտ իր վարկին համար ու իր դրամին համար, սրճարանին մէջ, կամ փեսաներէն մէկուն տունին մօտ ուր կը սպասէր կռիւէն առաջ , վստահ ըլլալով, որ զինքը պաշտպանողներ պակաս չէին իր շուրջը։ Անիկա կ՚ատէր իր մեծ հօրը, հօրը, մեծ մօրն ու մօրը ատելութեամբ բաղադրեալ տոկոսով՝ իր հօրենական գիծէ ազգականները, որոնք ա՛լ իջած էին անկշիռ դիրքերու։ Բայց իր տունը բաց կը պահէր փեսաներուն, փեսացուներուն, մօրը գիծէն բոլոր ազգականներուն, որոնք կշիռ ունին [369] կռիւներու ընթացքին (այնքան անհրաժե՜շտ, երբ հարուստները իրենց ազդեցութեան ամրացումն ու սահմանները կը կազմակերպեն ` երեւնալով, սպառնալով, ծեծելով, կոտրելով ու թափելով), եւ հաւատարիմ են աւելի, ներկայանալու համար կանչուած կէտին ու կը նետուին գուպարին մէջ գլխիկոր ու յիմար, մինչդեռ հօր կողմէն ազգականները դանդաղաշարժ են, եւ արիւնի հարցերուն միայն երեւան կ՚ելլեն։

 

Անիկա ` վաւերական ներքինի մը, ներքինիէ մը աւելի խիստ ու անողոք հսկողութեան մը ենթարկեց իր կինը։ Անոր մայրը ընդառա ջ գնաց անոր այդ հակումներուն։ Ամէնէն առաջ, անոնք երկար խորհրդածութիւններով չափեցին ու ձեւեցին տան ծառային դիրքը։ Երկուքին համար այդ օտարն էր վտանգի դուռը։ Ինչո՞ւ։ Գործադրեց, պաշտպանեց, հրապարակով բոլոր պէտք ունեցողներուն յանձնարարեց վեցամսեայ ծառայութիւնը։ Կը շահէր ձմեռը, ուր այնքան քիչ է աշխատանքը։ Կը շահէր մա՛նաւանդ տունին հանդարտութիւնը, նամուսը, վասնզի հետզհետէ լսելի կը դառնային տան հարսներուն եւ ծառաներուն միջեւ ամօթալի կապեր, արդիւնք՝ բարքերու թուլութեան, թուրք գեղերու կրակոտ տիկիններուն մշակած ձեւին։ Բացառաբար, շունչը քիչ տուներու համար, ուր սենեակները շատ են եւ բաժանումները ընդարձակ, կեսուրին աչքը չի հասնիր ամէն անկիւն եւ սխալ բան է վառօդին քով լուցկի դնելը։ Ան կարեւորութիւն տուաւ տարիքին։ Իր փորձառութի՞ւնն էր, որ կը խօսէր իր մէջ։ Անողոք եղաւ ան առջի տարիներուն ու տասնհինգէն յետոյ չվստահեցաւ պատանիներուն ու անխնայ փոխեց զանոնք։ Ըսին, թէ մօրը խրատով կը քալէր։ Կը քալէր անիկա իր մարմինին խրատովը։ Չարտօնեց, որ իր կինը, որեւէ պատրուակով, պառկի մէրանցը։

 

Բայց ինչ որ այս պատմութեան ամէնէն եղերական ու անպատմելի մասը կը մնայ, ան ալ անոնց էրիկ-կնկան սենեակն է։ Անոր ծոցը մտաւ նոր հարսը պաշտօնական գիշերին ու մտածին պէս, այսինքն՝ աղջիկ, դուրս ելաւ անկէ։ Հարսանեկան [370] անկողինին անաղարտ սաւանը քիչ մնաց պատճառ դառնար հսկայ գայթակղութեան մը։ Հաճի Աննան կատղած, կապուտցած, գազանի մը ճիրաններով, առտուն կանուխ նետուեցաւ հարսին վրայ ` զայն շիտակ փողոց նետելու համար։ (Անոր տղան արգիլած էր մօրը ծոցի գիշերներուն հսկումը եւ պաշտօնական վկաները)։ Բայց Սերոբէին միջամտութիւնը հասաւ ճիշդ ատենին ու ապշեցուց հաճի Աննան, որ, խաբելու համար գեղին պայմանադրական հետաքրքրութիւնը եւ սպասումը, պատգամաւոր ղրկեց իր աղջիկներէն մէկը՝ խնամի Բաբէթին։ Գլուխ գլխի տուին երկու մայրերը։ Ու անոնք ժամուն Մեծ Աւետարանին վրայ երդում ըրին ձիգ բռնելու իրենց բերանը։ Այս կարգի «կապուիլ»ներ պատահական էին ու Աստուծով, մէկ-երկու օրէն, շատ-շատ շաբաթէն, կը կարգադրուէր ամէն բան։ Հարուստ ու խելացի Սերոբէն գլուխը պիտի զարնէր իր կարգին պէտք եղած դուռներուն ու բժիշկներուն։ Հաճի Աննան ու Սարեկ խնամին աշխարհքը ոտքի տակ պիտի առնէին, մինչեւ որ քակէին ատ խշխշուկ պուկի ն։

 

Ու սկսաւ անոնց էրիկ-կնկան անկողինը սառած ու անմխիթար։ Լեզուանի, խելացի, հաճելի ու անկողինին համերէն սանկ ու նանկ անցած Սերոբէն, որ գեղ մը տղայ պտտցուց իր ետեւէն եւ գեղ մը մարդ կը կախէր հիմա իր շրթներէն, որ տունին մէջ, հիւրանոցին մէջ, ուրիշներու ներկայութեան շաքար կը վազցընէր բերանէն, ամբողջ գգուանք, փափկութիւն, կանացիութիւն, կը վերածուէր մորթուած եզի, երբ երկննար կնկանը կուշտին։ Առաջին ճիգերէն ետքը, որոնք իր առնութենէն աւելի հոգին կը սպառէին, յոգնութիւնը կը տարածուէր, պաղ հեղուկի մը իրական շիթերովը [371], անոր մարմինին շատ մը կէտերուն։ Կը սառէին մէկէն անոր մատները ու իր կնկանը միսերուն վրայ կը դողային ցրտահար յուզումով։ Կը վախնար անիկա իր շունչէն, որ բերնէն կ՚ելլէր պաղ, կը զարնուէր կնոջը կուրծքին ու տաքնալ չկրնալով այդ հնոցէն իսկ, դարձեալ պաղ կը վերադառնար երեսին։ Ու խելօք, գառնուկէ մը աւելի անլեզու Աղուորը, աղքատիկ իր համեստութեան մէջ, ուշաթափ ինքնիրմէն, կը յանձնէր իր մարմինը անոր մատներուն, որոնք սառոյցի պէս կը կսմթէին, բայց աւելի՝ ակռաներուն, որոնք գամի պէս կը կսկծեցնէին իր միսերը, կ՚արիւնէին, ու այդքան։

 

Առաջին շաբաթէն յետոյ, ողբերգութիւնը ելաւ իր ծփուն ու պատահական գիծերէն ` վերածուելու համար ամբողջական ու անայլայլ արարողութեան մը։ Անոնք, սրբազան պատրանքով մը իրարու կը մ[օ]տնային [372] ։ Ջերմիկ ու գուրգուրոտ բան մը, ծարաւ ճառագայթի մը նման հեղանուտ ու շօշափելի, կը փաթթէր զանոնք։ Աղուորին մարմինն էր վառարանը այդ զեղումին։ Վայրկեանի մը կէ՜սը նոյնիսկ։ Անմիջապէս յետոյ՝ անվրէպ մսուքը, որ կը զարգանար Սերոբին ողնուղեղէն ու կը տարածուէր եւ որուն ծաւալումին անկարող էր հակազդելու նոր հարսին կրակուած մարմինը։ Փուշ -փուշ, ու նեարդ առ նեարդ, այդ սարսուռը կը փշտէր անոր առատ միսերուն խորերէն ու բիւրաւոր գնդասեղի գլուխները կը գամէր անոնց ճերմակ պաստառին վրայ։ Կը նայէր անիկա այս բխումին ու կը խորտակուէր։ Չելլած [373] իր մարմինը աւելի կը սմքէր ու կը ջնջուէր ագռմէջէն այն քիչ մը բանն ալ, որով հպարտացած էր ատենին իր հայրը։ Անոնք կը տխրէին չարաչար ` խորհելով հեռաւոր յուռութքներու եւ կարելի նոր պուկիներու։ Յետոյ կու գար, գարշահոտ ու լպրծուն, իւղոտ՝ քրտինքը, պաղ ան ալ, բայց աղի չափազանց, որ կը կսկծեցնէր անոնց միսերը, աղջուրի վրայ բռնուած վէրքի մը նման եւ կը վանէր իրարմէ։ Տղան՝ կոտրած, կործանուած, նեղսիրտ, մռայլ ու դաժան։ Աղուորը՝ տրտմօրէն քաղցր, ամօթխած, բայց յուսաւէտ ու յուսադրիչ։ Անիկա կեսուրէն ու մօրմէն սորված բառերը, բանաձեւերը անուշ ու մեղմ շեշտով կը կարդար անոր։ Իր նպատակն էր ամոքել ամօթախառն կործանումին այս քանդիչ յուսաբեկումը։ Ինք կը տաքնար ու կը տաքցնէր անկողինը լաւ օրերու պատկերով ` ինքն իսկ հաւատալով այդ գալիքին։ Ու այդ երազին ջերմութեան տակ իր բերանը կ՚ըլլար խենթեցնող բան մը, ամբողջութեամբ սեռ ու հեշտանք ` շոգեւոր մեղրի մը պէս ծաւալուն ու ծանր բան մը տալով դէմքին բխումին։ Իր երեսները կը դադրէին իրենց տառապանքէն ու այրուցքէն։ Չէ՞ որ կային բժիշկներ, որոնք շատ տղաք էին ազատած։ Ու մոռնալով ինքզինքը, ժամանակը՝ անիկա էրկանը կողմէ պատմուած դէպքերը իբր նոր ու դուրսէն իրողութիւններ կը կրկնէր, անոր կը դարձնէր ու կը սպասէր։ Անմիջապէս յետոյ կ՚աւելնար պատմութիւնը յապաղած յղութիւններուն, ուր անշուշտ դեր ունեցած ըլլալու էր Սերոբին դժբախտութեան հետ հանգիտութեան պարագայ մը։ Խելօք, անուշիկ այս խօսակցութիւնը կը տեւէր ժամերով, մինչեւ որ հանդարտէին էրկանը գրգռութիւնները ու քունը գար վարագոյրը քաշելու այս տրամին։ Փոքր լոյսը կը կենար իր ծփանքէն ու հայլիին վրայ կը ծաղկէր մտամփոփ ու խորունկ։ Այն ատենն էր [374], որ Աղուորը կը դառնար իր անձին, հիմա անշարժ, կծկուած, փրթելէ վախցող նուագարանի մը պէս։ Քնացող այդ մարդուն դժբախտութիւնը կը ջնջուէր, կ՚երթար, քունին իսկ պաշտպանութեամբը եւ փոխարէն կը յառնէր իրը ։ Տեսարան կու գային միամիտ, հզօր, ցօղով թաթխուած երազներու նման իր աղջիկի զգայարանքները։ Այս ամբոխո՜ւմը մեր մենութեան։ Երբ՝ եօթնեւտասնամեայ նրբին էակը կը վերածուէր իր նեարդներուն, առանձին-առանձին։ Ներքին շաղախը եսին կը լուծուէր ու կը դադրէր իր դերէն, զայն ընելով թոյլ փունջ մը զարմանազան ծաղիկներու, մետաքս թելով մը օղակուած, բայց անջատ։ Ցաւած ու ճմռկուած ծիծերուն վրայ մաղ-մաղ կրակը կը բուսնէր, խոնաւ ու դիմացկուն, որ կ՚աճէր ու կ՚աճէր, աղին ու թուքին, ատամներով լերդացած միսերուն համախառնուրդ բոյրին մէջ, կծու եւ ճենճերուն, դառն ու անհասկնալի, որ կը խռովէր իր բոլոր ջիղերը ու ինչպէս բաբախուն ջուխտ մը բոցի լեզուակ՝ կը հեւար կուրծքին զոյգ պտուկներէն, ամէնէն աւելի ցաւելով ան ո նց վիզն ի վեր, յետոյ կ՚անցնէր ` թափանցելու սիրտին։ Հոն, անոնք բարբառ էին, ա՛յն դժուար, ողբագին կանչը, որ ի զուր կը բախէ չբացուող սիրականին։ Բայց հետզհետէ տժգունող լռութեան մէջ, ահա ուրիշ զգայարանքներ, աւելի ճիշդը՝ զգայութիւններ, իր ձեռնուած, պէծ-պէծ հերկուած զիստերուն քովերէն, խածուած ու կարմրաւորուն [375] ՝ ազդրերուն չորս բոլորէն մէկիկ-մէկիկ յառնող, որոնք իրարու աւելնալով, իրար լրացնելով՝ դաժան ու մխաշունչ խարոյկներու կիսակամար մը կ՚ընէին անոր երանքները, այնքան յստակ ու իրաւ, որ կը վախնար անոնց վրայէն մատ սահեցնելու։ Ցաւ, ցա՛ւ, ցա՜ւ էր միայն ամէն բան, որ հոնկէ կը մեկնէր կամ հոն կը թափէր։ Այդ գերզգայուն կեդրոններուն շուրջը, ուր մարդոց, մա՛նաւանդ տղոց ու աղջիկներուն երեւակայութիւնը այնքան տարբեր բաներ կը զետեղէ, Աղուորին գտածները կը հերքէին ինչ որ ըսուած էր իրեն։ Ու մեծ էր զարմանքը հոն չհաստատելուն այն հաճոյքը, համը՝ որուն վրայ այնքան շատ բան պատմած էին իրեն, այս տարի իսկ հարս ելլող իր տարեկիցները։ Կը փորձէր, [376] ինքզինքը փոխելու, փրկելու համար, փակել աչքերը, որոնք տակէն կը վառէին սակայն իր կոպերը, կարծես թէ աւազով ծեծուած ըլլային։ Բայց դէպի քունը ուրիշ զգայութիւններ։ Անկողինին ջերմութիւնը կը խարանէր անոր կռնակին ակօսը, որ կը ճշդուէր, յետոյ կը լեցուէր, կ՚ելլէր իր գիծ ի կշիռէն` ըլլալու համար ջուրի հաստկեկ թեւ մը, բայց որ տաք վազէր, մրկէր իր իսկ յատակը, կռնակին այդ յատկանշական ակօսը, ուրկէ մեր կեանքին ջուրը պուտ-պուտ կը ճարուի, աշխարհի բոլոր տարրերէն առնուած՝ անհասելի ճարտարապետութեան մը օրէնքներովը։ Այն ատեն, խուսափելու համար այդ գալարուն ու ջերմ օձի մարմինէն՝ անիկա կը դառնար իր կողերուն վրայ։ Ու կը տեսնէր, որ կը դառնային իրեն հետ իր ծիծերն ալ, հրաշքով մը կախ՝ իրենց շրջուած բաժակներով, անոր կուրծքին հովիտէն ու գամուած անոր՝ ինչպէս գմբէթը մանրանկարչական մատուռներու, որոնց իրանը սուզուած ըլլայ հողին ծոցը։

 

Ու իրեն այնպէս կու գար, անոնք իրմէ զատուած, ուրիշին պատկանող բաներ էին, իրենց առանձին կեանքովն ու պահանջներովը։ Մտիկ կ՚ընէր անոնց, ի՜նչ խեղճ [377], ի՜նչ ուշադիր, սորվելու, գիտնալու ի՜նչ պապակով։ Աղջի՞կ։ Կի՞ն։ Օտարներ էին անոնք հոն, թռչելու պատրաստ աղուընակներու նման։ Այս զգայութիւնները հետզհետէ կ՚իջնային իրենց թմբիրային հունին ու այն ատեն ինք կը վերածուէր իր ամբողջութեան։ Այդ պահուն՝ անոր ջղային կեդրոնները կը հանդարտէին շատ դանդաղ էջքով մը։ Կը մեղմանար այրուցքին ու ցաւին տագնապը։ Թուքին արտաբերումը կը նուազէր, կը հեռանար ու մարմինին բազմաղաղակ լեզուները մրմնջագին [378] բան մը կ՚ըլլային։ Այն ատեն էր, որ զսպուած տեղերէ, երակներէն, ներսերէն, ու թերեւս իր իսկ լաթերէն կը սկսէր նոր, բայց զարկը ուրիշ տառապանք [379] մը։ Ան տեսարան կու գար քաղցր, անորակելի թուլութեամբ մը, բայց այնքան ընդարձակ, որ մազերն անգամ կը պլորուէին, ու կակուղ կ՚ըլլային, բացառիկ քնքշացմամբ մը իր այտերուն տակ։ Իր արիւնը կ՚առնէր այս թմբիրէն, ու հեղգանալ ու դողդղալ կը թուէր, բայց առանց ցաւի, առանց դառնութեան։ Ասոր կը հետեւէր մարմինին ցարդ խնայուած կարգ մը մասերուն վրայ տրոփիւն մը, մեղմ, հաստատ ու որոշ, բոլորովին տարբեր անկէ, որ կը հետեւէր էրկանը ծծումներուն։ Արիւնին զարկն ալ չէր ատիկա։ Այլ՝ աճումի, կեդրոնէն խուսափումի, նորէն հոն վերադարձի շատ քաղցր զգայութիւն մը ` նման շրթունքի մը, որ կու տայ ու կ՚առնէ։ Մարմինէն դուրս կաթ-կաթ հեղո՜ւմ, սիրոյ անծանօթ ակունքին բխումն ու փակումը, որոնք անզգալի են կիրքին՝ ինչպէս օտար մտազբաղմանց մէջ, բայց կան, երբ ականջ ունենանք։ Աչքերը կը շատնային ու կը հրէին անոր կոպերը, նոյնիսկ թարթիչներուն ցանցը, ելեկտրական հուրք մը անցընելով անոնց մեղմ բերաններուն։ Բացուելու, լայննալու, տարածուելու ամբողջական ու խուլ ու անգիտակից պահանջ մը, անդիմադրելի, կը թրթռար իր բոլոր մարմինէն ու այն ատեն, առանց իր ուզելուն իր զիստերը իրարմէ հեռացած կ՚ըլլային, ապշութեան մատնելով միամիտ աղջիկը, որ չէր հասկնար, թէ ինչպէ՛ս իր հաւաքուող էութենէն ասանկ մեկնումներ ձեւուէին անկողինի յատակին։ Կ՚ամչնար ու կը մէկտեղէր զիստերը։ Բայց այս ճնշումը կը նեղէր զինքը, այրուցքի փոխուելու աստիճան իր կեդրոնին մէջ։ Այս աւելնալու, շատնալու զգայութիւնները տակաւ կը հաստատէր անիկա իր ամբողջ միսերուն վրայ, որոնք կ՚ելլէին ու կ՚իջնէին` քաշուած աներեւոյթ աքցանէ մը, յետոյ ձգուելով վերստին։ Ու այս ամէնը՝ սանկ փափկօրէն պարուրող, մարմինէն զատուիլ ուզող, բայց չզատուող թրթռականութեան մը մէջ, որ իր միսերէն, մասնաւորապէս անոնց կորաձեւ մասերէն կը բխէր, ինչպէս ջերմ մարմարէ զանգակէ մը ու կը հոսէր, յստակ հոսումով, բայց կը մնար ու կեդրոն կը դառնար, մանրադիր կրակէ լիճի մը նման խորացող ու ծանօթ, երբ միտքը յառէր ուշադիր՝ իր մարմնի որոշ մէկ կէտին։ Ու կը նմանէր այդ կեդրոնը վէրքի մը բերանին ` պահ-պահ հանդարտ, պահ-պահ կոտտացող։ Որքա՜ն շատ սիրտեր ունինք, երբ ընկղմած ենք յուզման մէջ։ Մե՜ղք, որ կ՚անգոսնենք, կը մոռնանք զանոնք, երբ կիրքին ճամբաներէն վերստին թափուինք մեր անասնութեան, որ խտացում մըն է եւ թերեւս [380] սեռական գործողութեան հետեւող տխրութեան վաւերական բանալին կու տայ։ Անիկա կը զգար այդ վէրքերէն ներս խիստ այն այրուցքը, զոր ասեղ մը կը բանի մեր ներքին սնդուսին վրայ։ Այս ասղնտուքին կը յաջորդէր հզօր թօթուըւուք մը։ Ու լքո՜ւմ…։ Կարծես քիչ առաջ այն պիրկ միսերը շոգիէ անցնէին ու լխկէին։ Կիրքը կը քաշուէր ` տեղը տալով բաբախող շարժումի մը, որ անոր ոսկորներուն մէջ ձայն մը կ՚ըլլար, խուլ աղացմամբ մը, կրծելով անոնց կապերը։ Կը հալէր ցաւը, ցաւին հետ զուգորդ կսկծանքը կիզումի [381], ու այս համատարած տեղատուութեան մէջ դժբախտ յամառութեամբ մը երեւան կ՚ելլէր անոր անձը, ա՛ն՝ զոր կը շինեն տարիքը, ընկերութիւնը, մանկութեան հեղումներ եւ դեռ հազարաւոր ուրիշ բաներ, երիտասարդ աղջիկի իր անձը, ծարա՜ւ՝ սրբազան հեղուկէն, ու անօ՜թի՝ սրբազան նշխարէն։ Անօթութեան այս զգայութիւնը այնքա՛ն իրական էր ու զօրաւոր էր, որ ստիպուեցաւ հացով կամ պտուղով խաբելու միսին այս լլկանքը։ Ու անոր մատները մնացին մաքուր՝ [382] տխուր ունակութիւններէ: Բարձին տակէն կ՛առնէր չոր թուզ կամ ընկոյզ ու կը նետէր բերանը: Քանի կզակները կը շարժէին, այնքան իրմէն տարտամ բաներու դուրս սողոսկիլը կը զգար: Մինչեւ քունէն տարուիլը, անիկա քիչ-քիչ կը բաժնուէր իր մարմինէն՝ ինչպէս աւերակէ մը, կրակէն կերուած իր ներքինովը ու դուրսէն կանգուն չորս պատերուն վրայ։ Ուրիշներու յիշատակը, կիներ ու նոր հարսներ, իրենց պատմումին ամբողջ սարսուռովը, պահ մը ետ կը մղէր բեկորները իր քայքայուն եսին ու կ՚ըլլար իր մտքին պատկերները, կարգով անուննին հագնելով, տեղաւորուելով հզօր ճիգով մը նիւթացուիլ փորձուած տեքոր ի մը խորը, տարածելով ինքզինքը մարդոց յատակին ու տարուած անոնցմէ, մինչեւ որ իրական զգայութիւններ բզկտէին այդ խաբկանքները ու նետէին զինքը իր անկողինին ու անոր տանջարանին։ Տունին խեղճ իրողութիւնները կը մեծնային, գրաւելու աստիճան զինքը ամբողջովին։ Այնքան ճիշդ է, թէ անկողինը հրաշքի դաշտ մըն է յաճախ անոնց համար, որ կէս կամ քառորդ կ՚ապրին։ Անիկա նոյնն է հոգիին համար՝ ինչ որ է մութը աչքերուն համար։ Շրջագիծի եղծումը կը քակէ նաեւ պատկերին նեարդները եւ կը ցրուին, մութին ալիքներուն վրայ թեւաւոր ու հսկայ՝ բոլոր չնչին ծուէնները տեսիլքին։ Կատարելապէս պատշաճ է այս նմանութիւնը մեր հոգեկան մութին մէջ գործող զգայութիւններուն համար ալ։ Հերոսներ ենք յաճախ ու երջանիկ, երբ վերմակ մը մեզ կը պաշտպանէ, ինչպէս հերոսներ ու հրէշներ կը տեսնենք, երբ մութը կը փոխէ մեր աչքերուն դէմ իրականութեան դաշտը։ Այդ փոքր իրողութիւններէն մեծցուած ու զօրացուած՝ անոր տրտմութիւնը, բախտը, իր բառովը՝ «ճակտին գիրը» կը թեթեւնար, կը թօթափէր իր եղերականութեան սարուածը ։ Անոնց վրայէն կը սահէր դէպի մէրանցը տունը, աղբարներուն, հարսներուն, պզտիկներուն, այն ամէնուն, որոնք այնքան պատրաստ կը սպասեն խուժելու մեր գիտակցութեան գաւառները, երբ կամքը, գահազուրկ ու գերի արքայի մը [նման] [383], շղթայի զարնենք ու յանձնուինք պարապին, այսինքն՝ մեր մանկութեան բոլոր պատկերներուն, տարօրինակ կերպով քաղցր ու անջնջելի։

 

Ու կ՚երթար իր միտքը օրուան կարծր ու անարժէք պատահարներէն մեր մէջ առաջացած կրացումին, զոր չենք տեսներ, երբ կ՚ապրինք։ Այս ակնոցէն՝ հասկնալի է եզական առատութիւնը ճգնողական կենցաղին ու յաճախուած քարայրներուն։ Այս էջքը կը գօտեպնդէր զինքը։ Կը շոյէր իր գիշերանոցին ազնուական փսփսուքը իր վրայ։ Ափին կռնակը կը սահէր թաւշապատ վերմակէն։ Աչքերը կը լարէր աղօտակի՝ մխիթարուելու սենեակին ծանր ու հարուստ շունչէն, զոր ոսկին ու մետաքսը կը ծորեն։ Դրամին ու հարստութեան շնորհները կու գային առաջին գիծի։ Ու տունը, [384] կարասիներուն գովուած ու նախանձելի գեղեցկութիւնը, ազգատոհմին հոյակապ անունը ու կեսուրներու նոյնքան շքեղ գիծը, որուն վերջին օղակը կ՚ամրանար իր մէջքին, ուտեստն ու կապուստը եւ բոլոր այն փոքր, բայց մարդկօրէն գիծ առած բաները, որոնք մատաղատի աղջնակ մը կ՚առնեն իր տարեկից կայտառ տղու մը բազուկներէն եւ կը յանձնեն զայն ութսունամեայ զառամութեան մը փտախտին, կ՚ընէին զինքը հաճ, գրեթէ երջանիկ։ Ու տակաւին առաջին ամիսը չէր լրացած անոնց անկողինին։

 

Ու քալեց անոնց կեանքը։

 

Ամիսները կապուեցան ամիսներուն, դիւրին կամ դժուար։ Ապրողները չապրած միայն գին կը կտրեն։ Նոր տունը, իր զբաղումներուն շատութեամբը՝ ըրաւ անոր ցերեկները լեցուն ու հաճելի։ Ու պուպրիկէ մը աւելի աղուոր՝ ան պտտեցաւ ընդարձակ պարտէզին մէջ, համակ կարմիր բեհեզով կամ մեղրի գոյն զգեստներով։ Ու երեւոյթ էր անիկա փոքր ծառերու կուշտին, դուրսէն դրուած պատկերի մը նման։ Ու երեւոյթ էր անիկա հին ծառերու բունին, անոնց խոռոչներէն բխած աստուածուհիի մը նման։ Եղանակի համեմատ ան ապրեցաւ նոր-հարսնութեան բոլոր դասական յուզումները։ Անոր կեսուրը, փոխարինելու համար աննման հարսնուկին համակերպուն առաքինութիւնը, անոր կռնակին թափեց Նալպանտենց հաճի Արթինին օրերէն պահ դրուած եզական, թանկագին զգեստներ, հնօրեայ, ապրշում հիւսքով ծաղիկներ, որոնց բաժակները զմրուխտի մէջ փորուած ադամանդ աչքերու նման կը նայէին։ Ան ի՜նչ մոռցուած, հիմա անծանօթ կարմիր էր, որ իբր յատակ կը ծառայէր այս պարտէզին։ Ու մուշտա՜կ, բայց ով գիտէ Ասիայի ո՛ր կիրճերէն, որ անոր մարմինին մէջ թաքուն հոտեր եւ հեռաւոր, խուլ մրմունջներ կ՚եղանակէր ու անոր այտերուն քսուած ատենը անապատին ամբողջ կրակէ համբոյրը կը մաղէր վրան։ Բայց անոր կուրծքին կախեց շ արոցները, ծանր, իրարու փակած կիսաղեղով ոսկիներէ հիւսուած, ութ-տասը շարք, այնքա՛ն հաստ, որ անոր վիզը կը ցաւէր պարտէզէն (պարելու կալը) դարձին։ Ու համրուած տաղաւարներուն՝ անոր ժամ երթալը լռին սարսուռ մը կը մղէր չորս դին։ Պատանիները կու լային անոր պատկերին անհաս խռովքէն։ Երիտասարդները կը պաղէին ու չէին քալեր։ Ու գեղ իջնող ճամբաներուն վրայ ատանկ դեղձային [385] զգեստաւորումով՝ անիկա արեւին մէջ բռնկած ու չվառող հսկայ ծաղիկի կը նմանէր։ Բայց անոր խռովքը հզօր էր մա՛նաւանդ իր պարզ ընտանութեան մէջ։ Այդ մասին՝ աւելի ուշ։ Հնազանդ ու մաքուր՝ ան մտիկ ըրաւ կեսուրին ու մօրը, ոչ ոքի ոչ իսկ շիւղ մը բան զգալի ընելու իր ողբերգութենէն։ Ու աճեցաւ անոր մարմինը, մնալով նուրբ, դիւրաբեկ ու ազազուն բանը, որ աղջիկները կը յատկանշէ, ինչ տարիքի ալ ըլլան։ Ու անոր այտերուն վրայ յամառեցաւ հոգիին այն աղուամազը, որ պարմանները կը զատէ կիներուն աւարտած ու ա՛լ խորք չունեցող մոյնքէն ու կը տաղաւարէ անոնց շուրջն ու վրան, անտես ամպհովանիի մը նման։ Խորացան, գացին ու հատան կարծես ոսկորները եւ մէջտեղ դրին զայն ամբողջ միս ու փափկութիւն։ Ու հասակը տեղը, ու զարդը տեղը, ու գոյնէն զգլխիչ անոր դէմքը, այդպէս առնուած զարդին ու քողին կախարդութեանը մէջ, պտտեցաւ գեղին փողոցներէն, անհասկնալի ու իրա՛ւ։ Խեղճ տղոց սիրտե՜րը։ Առաջին տարին անիկա անմատոյց մնաց դայեակներուն ու կախարդներուն։ Գարնան, տակաւին շերամները չբացուած, անիկա տեսաւ էրկանը, կեսրոջը եւ մօրը հետ այնքան գովուած, մեծ քաղաքը` Պրուսան։

 

Հարսնիքէն մինչեւ քաղաքը, հաճի Աննան սպառած էր շրջանի կախարդներուն բոլոր յուռութքները։ Ան կը դիմէր քաղաք, Նալպանտենց անունին արժանաւոր իբր ժառանգ։

 

Ու Աղուորին էրիկը անցաւ ամօթախառն ու դժնդակ տեսարաններէ, որոնց ընթացքին անիկա ձգուեցաւ մանրախոյզ քննութեան տակ։ Նոյն գիծէն անոր նոր-հարսի մարմինը մերկացուեցաւ չորս-հինգ այրերու աչքին առաջ, ենթարկուելու համար նոյն յիմար ու մանրամաղ զննութեան։ Փոխուեցան բժիշկները, բայց հարցարանը եւ արարողութեան գլխաւոր դրուագները մնացին նոյնը։ Հաճի Աննան, իր կարճ խելքովը, դաւադրութիւն մը ենթադրեց ու իջաւ նաւահանգիստ, շատ անուանի ուրիշ բժիշկի մը։ Զարմանալի կերպով կրկնուեցաւ ամէն ինչ կանոնով ու ճամբով։ Այս ամէնուն կը հետեւէր չարաշուք իրողութիւնը, դառնօրէն ստոյգ ու անսրբագրելի։ Նալպանտենց Սերոբը դատապարտուած մըն էր։ Այն ատեն կրկին ինկան քաղաքի բժշկապետին, որ կը վարէր պետական հիւանդանոցը եւ հայ մըն էր, թրքական այդ քաղաքին մէջ բացառաբար հայերէն խօսող։ Անիկա ամբողջ կէս օր մը չարչարեց, բուրդ գզելու պէս գզեց անոր ագռմէջին բոլոր միսերը, ու անոր հոգին՝ իր բոլորովին աւելորդ, յիմար հարցումներովը։ Ասոնք կը շօշափէին Նալպանտենց գերդաստանին բոլոր ծնունդները, մեռնող մանկատի տղաքը, մահուան ձեւը, մեծերուն մահը առաջ բերող հիւանդութիւնները. կարճ խօսքով՝ գերդաստանին ամբողջ ժառանգութիւնները այս անգամ ոչ արտերէն ու կալուածներէն, այլ՝ արիւնին ճամբաներէն։ Անիկա ծանրացաւ Նալպանտ Կարապետին հիւանդութեանը վրայ, վերաշինեց տարօրինակ կերպով իրաւ պատկեր մը հաճի Աննային դիմաց, որ զարհուրանքով կը նայէր այս խելքէ դուրս կախարդութեան։ Տուաւ անոր ուզած բոլոր պատասխանները՝ «այո»ին՝ այո, եւ «ոչ»ին՝ ոչ։ Երկու-երեք ժամ տեւող այս հարցաքննութենէն վերջ, միսերու, ոսկորներու, սնամէջ երակներու մէջ խաղցուած գամերէն ու ասեղներուն խաղէն ետքը, բժշկապետը փռեց Աղուորին ալ մարմինը ու չափեց անոր ալ արգանդը ու զննեց հայլիով եւ մատով։ Յետոյ, լուալով ձեռքերը, քաղցր ու տրտում, դառնալով Նալպանտենց Սերոբին, աւելցուց.

 

-- Տղաս, ինչո՞ւ կարգուեցար։

 

Այսքան անակնկալ այս հարցումին նոյնքան պատրաստ պատասխանը եղաւ, կարծես տարիներէ ի վեր ձեւուած ու չափուած՝

 

-- Ես ի՛նչ գիտնամ, տոքթոր։

 

Զուարթ էր անիկա, բժիշկին բերնով հաստատուած զգալուն այն մեղադրանքը, զոր երբեմն կ՚ընէր անիկա ինքն իրեն, երբ շատ տառապած կնկանը ծոցը, կը լուսցնէր գիշերը եւ հիւանդի պէս տկար կ՚ըլլար մարմինէն։ Ու անիկա յանդիմանող հայեացքով նայեցաւ մօրը, որ քայքայուած ու քրտնաթոր, բերանը բաց կը զննէր բժիշկը ու չէր կրնար հասկնալ, հաւատալ այդքան դժնդակ վճիռ մը։

 

-- Ատ ի՛նչ խօսք է, տոքթոր։

 

Ձայն չէր պառաւէն ելածը։

 

-- Ո՞ւր է տեսնուեր անպսակ երիտասարդ։

 

Ուժ կ՚առնէր իր բառերէն, թէեւ տակաւին գտած չէր ինքզինքը ու կը դողդղար ամբողջ յետոյքովը, որ կը վախցնէր զինքը այս սասանումովը։

 

-- Դուն գիտե՞ս ով ենք մենք…

 

[386]

 

-- Դուն չե՞ս լսած Նալպանտենց հաճի Արթինը…

 

Ու չկրցաւ շարունակել, հակառակ պուկէն հրուելուն։ Առաջին անգամ չէր, որ անիկա Նալպանտենց փառքը այդպէս կը պատգամէր փղշտացիներուն։ Իր հարստութիւնը մշուշի մը պէս պարուրեց զինքը։ Հին կեսուրներու հրամայական շարժումով՝ անիկա նետեց ձեռքը առաջ, զարկաւ տղուն ուսին ու հրեց դուրս։ Տղան հետեւեցաւ անմռունչ, ընդհակառակն, բոլորովին գոհ, մօրը հեղինակութեան մէջ ինքզինքը ապահով զգալուն։ Ուրիշ ամէն կէտերու վրայ այնքան յախուռն ու ինքնավստահ, եօթը ս ա տանայի գլխուն եօթանասուն գդակ հիւսելու ընդունակ այս երիտասարդը տասնամեայ աղջկան մը պէս խեղճ էր սեռային գետինին վրայ ու մօրը խանձարուրքը կը փնտռէր կարծես։ Հաճի Աննան վճարեց, մտքովը հաստ ու աղտոտ հայհոյեց՝ պապերնուն [387] բերնէն մինչեւ կտտոցը [388] (կնիկներուն) պինչերը, յայտնի անիծեց ու, աշխարհին կատարածը սպասողի մը անձուկովը դուրս ելաւ հիւանդանոցէն, մէկ շունչով երթալ յանձնուելու համար բազմաբղէտ ու բազմացեղ դայեակներուն, կախարդներուն, հոճաներուն եւ տեսանողներուն, որոնք հաւ փետտածի պէս ծեծքեցին իր տղան ու հարսը, հարիւրներով թուղթ գրեցին ու թխմեցին անոնց ծոցը եւ յուսադրած, երջանիկ ու ամսուան մը մէջ լոյս տեսնելիք զաւկի մը աւետիսովը դարձուցին գեղ։ Ամիսը եղաւ երեք։ Ու զաւակը չերեւցաւ։ Հաճի Աննան խաբելու համար արտաքին աշխարհը, պատահմունքին ամբողջ կշիռը բեռցուց մէկ կողմին ու դրաւ հարսը հրապարակ։ Տուն եկան, Աղուորին ձեռնելու համար գեղին բոլոր անուանի դայեակները ու իրենց իրաւունքը՝ էմէկ ը, առատ-առատ ստանալէ յետոյ, բարձրաձայն պատմեցին իրենց գիտցածն ու տեսածը, ինչպէս սորվեր էին մուշտակազգեստ հաճի Աննայէն։ Հարսին արգանդը պաղ էր քիչ մը։ Բայց տարիքը ինչ էր որ։ Երբեմն ուշ կը հասնին աղջիկները։ Օրինա՞կ։ Որքա՛ն որ կ՚ուզէք։ Տարիները պիտի չուշանային զայն տաքցնելու։ Որո՞ւ միտքէն ելած է Խարատայենց հաճի Սարըին Մանոյշը։ Տասուիրեք տարի կապ եղաւ սքանչելի կնիկին արգանդը ու յետոյ քակուեցաւ կապը Աստուծոյ հրամանով։ Այս պատմութեան մէջ կար զեղչուած բաժին մը, որ կը վերաբերէր տան ծառային։ Բայց ո՛վ կրցեր է կապել մարդերուն լեզուն։ Ու յետոյ ուրիշներ, միշտ Աստուծոյ հրամանովը ծոցու(որ)եր [389] էին, երբ չէին սպասեր։ Այսպէս խօսեցան աջ ու ձախ։ Նորէն եկան, նորէն գացին։ Ու բան մը ըրած, ըլլալու համար՝ դրին քարեր անոր արգանդին, տաքցուած, խորհրդաւոր օծումներով հոտաւէտ։ Տէրն ողորմած էր դաշտի շ ուշանին իսկ։ Ո՞ւր մնաց թոռնորդիին անո՛ր, որ գեղին ժամը տնկած էր իր փառաբանութեանը համար։

 

Ու կազմակերպուեցաւ կեանքը Նալպանտենց տունին մէջ։

 

Ամուսինը, ամէն տարի քաղքէն դարձին՝ անոր կը բերէր նոր շ արոց մը ոսկի։ Աւելի՝ փոքր մանեակներ, քաղաքի կնիկներուն յարմար ու շատ թանկարժէք, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արժէր հինգ շարոցը մէկէն։ Անիկա, Աղուորը, խանդավառ չէր այդ զաղփաղփուն բաներով, որոնք բացուելու, աստղաձեւ փայլփլելու [390] համար կարօտ են մսէ յատակի։ Մինչ ոսկին ՝ խաթար ը, կը նուաճէ կուրծքին պատատը։ Մօրը մուշտակին կերպասէն ձեռք մը նոր զգեստ, քիչիկ մը հակած դէպի քաղաքին երանգը ու կալուածքին մէջ ալ՝ քիչ մը թեւ ու թռիչք, որով կերպասը կը թեթեւնայ քաղքուհիներու [391] կռնակին։ Իրողութիւն էր, որ բարքերը նոր փուլի մէջ կը մտնէին։ Առաջ ծանրութիւնն էր, որ կշիռ ունէր կիներուն զգեստէն։ Ու խոշոր, պոռացող գոյներ։ Հիմա մէկ-երկու կնիկ, հարուստի ու Պոլիս ըրած, բարակցուցած ու խստացուցած էին մետաքսը։ Մեծահարուստներու հարսներուն նման հագուելէն զատ՝ անիկա երբեմն կ՚երեւար անոնց կիներուն կէս ճաշակովն ալ, որ կը վայլէր անոր անձին։ Անիկա զերծ էր դաշտի աշխատանքներուն բոլորէն։ Զերծ էր ուրիշ հարսներու ժամանակը առնող թեթեւ բաներէն, որոնք բազմանդամ տունի մը մէջ անխուսափելի կ՚ըլլան։ Զաւկի հոգ չունենալուն, տունին գործերէն մէկ թեթեւ մասին աւարտումէն յետոյ, աւելէն ու կարկտուքէն բաժնուած-չբաժնուած՝ անիկա կը քաշուէր սենեակը, փողոց նայող պատուհանին դէմ ու կը տարուէր անվերջ հիւսելու։ Անոր կեսուրը չէր կոտրեր անոր այս առանձնացումները ` գիտնալով այդ պահուն փողոցը բոլորովին պարապ երիտասարդներէ, որոնք իրիկունէ իրիկուն կ՚երեւան սալարկին վրայ։ Շատոնց մոռցած իր աղջիկնութիւնը՝ անիկա չէր կրնար խորհիլ այն խորունկ ու տխուր բաներուն, որոնք երկարող աղջիկնութիւնները կը պարուրեն անտես վշտին մէջ ու կը թոռմեցնեն անոնց հոգին։ Ինք հարս եղած էր, տակաւին արթննալու ատեն չունեցած։ Իր անկողինը զինքը նեղած չէր։ Ու կը թողուր, որ հիւսէ Աղուորը։ Ու կը հիւսէր անիկա գուլպայ։ Ու կը հիւսէր անիկա մարդերուն միսը, անծանօթը, մռայլ ու հրէշ ձգողութիւնը, որ մարդերը կը զարնէ կիներուն։ Ու ոչինչ գիտէր անիկա։ Ինքզինքը կը հասունցընէր անյայտ գալիքի մը։ Ու կ՚ուտէր իր իսկ [392] միսերը, անդադար կճուելով, կսմթուելով, խոշտանգուելով մատներէ ու ասեղներէ, որոնք կային ու չկային։ Յետոյ կը փախչէր պատուհանէն, վասնզի իր անկողինին մղձաւանջը ծայր կու տար, ու անիկա ուժը չունի զայն երկու անգամ հանդուրժելու։ Ու կեա՜նքը։ Բայց պէտք է կարճ ըլլալ։ Միօրինակ այդ կենցաղը փոփոխութեան կ՚ենթարկուէր տաղաւարներուն։ Ծնունդին, Խթման իրիկունը, ամէն հարսի պէս, ան պարտաւոր է զուսպ ու աղուոր հագուած, երթալ եկեղեցի, գիրք կարդացող տղոց վրայ գորովել [393], հաղորդուիլ ու խոնարհ ու երկիւղած կեսուրին հետ դառնալ տուն։ Չէր լար անիկա, հակառակ ներսէն մղուելուն։ Յաջորդ առտու ` տաղաւարին առաջին օրը, զայն կը տեսնէին «ոսկիներու մէջ թաթխուած»՝ կեսուրին հետ ժամը։ Նալպանտենց Աղուորը գերազանց մնաց այդ առտուներուն։ Անիկա կը նմանէր չեղած բանի մը, երբ ճեղքէր մեծ փողոցը։ Ու երբ վերէն ձիւն կամ անձրեւ չիյնար, անիկա արտօնուած էր բարձրանալ Կալերը։ Մանո՜ւկ մը գրեթէ անոր հոգին, որ կը տառապէր դեռ չսկսուած վայելքին վախճանէն։ Բեռնաւորուած իր շարոցներով՝ ան կը բարձրանար զառիվերը ու կը հասնէր Պարտէզը ու կը պարէր մետաքսի, բեհեզի փափուկ հովի մը մէջ, որոնք անոր շարժումներուն կը հետեւէին գունաւոր բոցերու նման ` վառելով անոր կռնակէն դուր ս, կուրծքն ի վեր, խարտեաշ, նուաղուն, թեթեւ ու թեւով։ Այն ատեն՝ անիկա կը թեթեւնար ու, ամիսներով, անարեւ իր աղջիկնութիւնը, ամէն օր բզկտուելուն հակառակ՝ անարատ մնացած կուսութեան անոր ոստայնը կը ճառագայթէին իրմէն դուրս, մատնող, մատչելի յստակութեամբ մը։ Ինք կը զգար ատիկա ու կը վախնար գաղտնիքին հաշւոյն։ Առջի տարին հարսները զարմանքով դիտեցին անոր պարը աղջիկներուն մէջ ու ոչինչ գիտէին, ինչպէս պարողը ինքը։ Կը խօսէր իր ընկերուհիներուն հետ, բայց տարտամ բնականութեամբ մը, թախիծի ուրուաստուերով մը, որ կը վայլէր անոր ու չէր ալ վիրաւորեր շրջապատը։ Պարզ, քաղցր Աղուորն էր անիկա աղքատիկ թաղին ու կը խպնէր անոր աղջիկներէն իր իսկ վայելչութեանը հաշւոյն։ Հարստութիւնը չէր խանգարած անոր առաքինութիւնները, թէեւ փոխած՝ անհամեմատ՝ անոր դէմքը։ Դեռ առողջ, այսինքն՝ զեխութեան եւ ուրիշ մեղքերու իբր արդիւնք բարակնալէն հեռու, անոր արիւնը կը մեղմանար ոսկիին ու արծաթին տուրքերովը եւ անոր անկնիք գեղեցկութիւնը, որ այնքան հաւատարիմ է ծագումին եւ կը շինուի թերեւս դէմքի մը աշխարհ գալէն մէկ-երկու սերունդ առաջ, կը փրկուէր համայիլ ներուն, կիսալուսիններուն, լաչակներուն եւ վառերուն ճարտար ու զուսպ ու զգլխիչ հոսումներովը։ Մանրիկ ոսկիներ, շղթայիկներու բերնին, կը համբուրէին անոր ճակատն ու այտերը ու կ՚երգէին՝ անոր ականջներուն, նուագը յղի ու դժբախտ մետաղներուն [394] ։ Փոշի[ի] [395] մօտ բան մը թեթեւ մը կը բանար ուժով կարմիրը անոր երեսներուն։ Տաղաւարին երկրորդ օրը, անիկա կը փոխէր հիմնովին իր դէմքին տեքորը եւ զգեստները ` օր ու արեւ տալու համար գերդաստանին պատմական ուրիշ զարդեղէններուն։ Կը հանուէին շատ պահծու, ծանր ու վիզը փրցնող ոսկի շղթաներ։ Ու մատնիներ, որոնց մարմինը կը գրկէր մատին ամբողջ յօդուածը։ Ուրիշ ատեն մը, անիկա կ՚ըլլար պարզ, ծանրագին ու բարակ կերպասներով եւ քայռերով։ Այս ամէնը, այսպէս զանազանուած, կը շինէին իրենց գործը, այսինքն՝ անոր դէմքն ու արտայայտութիւնը, որոնք մօտիկը կը դրուէին ան միւս, ծագումով ու անունով գեղեցիկներուն։ Անո՛նց՝ որոնք արիւնի էջքին, նուաղումին [396], չգուշակուած ախտերու, շատ մերձաւոր ու ազգակցական ամուսնութեանց իբր արդիւնք կը յայտնուին ու կ՚ըլլան գրաւիչ՝ խելք առնելու չափ, ախտաւոր ու եղերական։ Քաղաքի՞, թէ գեղքի [397] հով մը՝ կը պտտի անոնց անձին շուրջը, ու կը զգետնէ անզգոյշները։ Բայց, կարեւոր պարագա՛յ, անոնց բոլորին ալ վրայ, աշխատող ու աստուածային հուրքով եփ ելած արգանդ մը կը հեղու իր ճառագայթումը, մեղքին, կարօտին, ծարաւին փոխն ի փոխ կուշտ ու նօթի ստեղները թրթռման հանելով կիներու միսէն։ Ընելով զանոնք, անոնց աղուորութիւնը դալկօրէն, նիհարօրէն, փխրուն չորութեամբ մը խռովիչ։ Ու կին են անոնք, այսինքն՝ կո՛ւշտ կեանքին հեղուկէն։ Ու կը զգանք ատիկա առաջին իսկ աչքով։ Աղջի՞կը։ Տարփանքին փաղաղող հեղումին, յղութեան ու դիեցման սպառումներուն պակասը կ՚աւելնար Աղուորին վրայ ` զայն ընելով անսովոր ու անկարելի բան մը, որ կը զարնէր հարիւր քայլ անդիէն, զգալու ատակ մարդերուն, նոր հասուկ երիտասարդներուն թաքուն, վեցերորդ զգայարանքը։ Մնաց որ, անոր պարզ երեւումը խռովք էր քիչ մը բոլորին համար։ Թերեւս գիտակ էր պառաւը այս տարօրինակութեան, քանի որ կ՚արգիլէր անոր մեծ մասը այն աշխատութիւններուն, որոնք հարսներու բաժինն են ուրիշ տուներու մէջ։ Պարապ տեղը չէր, որ կը վախնար անիկա թաքուն այդ շնորհէն, ու մէկ աչքը անպակաս կ՚ընէր անոր վրայէն, երբ դուրս ելլային։ Տունին մէջ անիկա բացառիկ որակուելու չափ տարբեր ապրում մը ձեւած էր իր հարսին։ Անլուր բան՝ ան երկրորդ տարին իսկ զատեց անոնց անկողինները քաղաքէն բժիշկի մը պինդ հրամանովը ` վտանգ սպառնալով անոր տղուն խելքին, ինչպէս հարսին ալ կեանքին։ Իսթերի ի առաջին նշանները չէր կրնար հասկնալ անշուշտ խելացի պառաւը։ Բայց ծակ էր ականջը ու գեղը ունէր աքաղաղի պէս երգող հարսներ, հարուստկեկ տուներէ։ Պաշարած էր զայն ամենահաս, բայց անկշիռ հսկողութեամբ մը։ Հետն էր ամէն վայրկեան ` իբր անոր շուքը։ Կը պառկէր անոր ծոցը, երբ տղան քաղաքն ըլլար։ Կ՚արգիլէր անոր առտուն կանուխ ելլել անկողինէն ` մեղքնալով իբր թէ, քունի հրաւիրելով ու յանձնարարելով անհոգ երկննալ։ Իր մատը պիտի չդպէր մոխիրին, որքան ատեն, որ ողջ էր ինքը ` Նալպանտենց հաճի Աննան։ Արտաքուստ այսքան հոգածու շեշտով այս կարգադրութիւնները կը հպատակէին ներքին զօրաւոր վախերու։ Չէ՞ որ ինքն իսկ կը տարուէր, բարկացած ու անկարող, այն ստուերոտ ու շրջշրջուն բանէն, որ նոր հարսն է տունին մէջ, կէս մը դեռ թափառող քունէն տարակայ, անպաշտպան իր հոգիին չափ իր մարմինէն, հո՛ն՝ ուր երիտասարդ ծառայ մը կը հազայ կամ դուռը կը բանայ ախոռին։ Հաճի Աննան չէր ուշացած լիովին ըմբռնելէ այն խռովքը, զոր իր հարսին, ոեւէ հարսի պատկերը, ձեւը կը բանան մանչերու սրտին մէջ, երբ անիկա կը գոցէ իր ննջասենեակին դուռը ու վար կ՚իջնէ, բակ, անխնամ ու քակուած, մազերն ուռեցք ու խառնակ, ծիծերը ինկած ու ճնշող եւ ոտքը բոպիկ։ Այդ րոպէներուն՝ բան մը կ՚անցնէր, կը դողար տունին խաղաղ ոլորտին մէջէն ու թարմ տղոց համար այդ պահը աղիտաւոր էր, որքան աքաղաղին առջի գիշերային քանի մը ժամերը։ Դիմաւորած էր վտանգը, իր կարծիքով, հարսը այդ զարթխում պահ եր ուն բանտելով իր անկողնին մէջ։ Ու ինք կ՚եփէր առտու կանուխ, արեւցաթէն բաւական առաջ փշրուք ապուրը տան ծառային, որ պարտաւոր էր ընելու կամաց իր բոլոր շարժումները։ Պիտի խօսէր ցած ` ձայնը անզգալի ընելու աստիճան։ Պիտի չհայհոյէր այս արգելքը կը տարածուէր նաեւ անոր վարձուած ամբողջ ամիսներուն վրայ այն պատկերուն բառերով, որոնք այնքա՛ն քաղցր կը հնչեն հարսներու ականջին։ Պիտի չհազար։ Ախոռէն կենդանին պիտի քաշէր սուսիկ ու չքանար տունէն։ Այս ամէնը դեռ արեւին երեսը չտեսած։ Յետոյ կը ձայնէր Աղուորին։ Տունին գործը իր կէսէն անցած կ՚ըլլար արդէն։ Ան հարսին կը յանձնէր կովերը կթելու աշխատանքը։ Զանոնք նախիրին խառնելը կապուած էր նախրապանին տարիքին։ Երբ վաւերական ու ա՛լ թմթռկած ծերունի մըն էր քշողը, Աղուորը արտօնուած էր կովերը առաջնորդել մինչեւ անոնց հաւաքավայրը, բաւական մօտիկ։ Այլապէս այդքանն ալ կը զլացուէր իրեն։ Ամբողջ ցերեկը անոր առջեւն էր տունը։ Աւլուցք։ Լուացք։ Սրբտուք։ Բակին մէջ պառաւը շատ բան չէր ձգեր անոր ` ոտքին վարժութիւնը արգիլելու հեռատեսութեամբ։ Բայց կը գործածէր անոր կորովի բազուկները պարտէզին, ջրհորին եւ ուրիշ զբաղումներու։ Եթէ օդին մէջ չզգար անձրեւի հոտ, հաճի Աննան անոր կը յանձնէր իրիկուան կերակուրին պատրաստութիւնը ու կ՚երթար ժամ։ Անձրեւոտ օրերուն տեղէն չէր շարժեր, վասնզի ծառան կրնար մէկէն ի մէկ բուսնիլ ` թրջուած ու յոգնած։ Լաթ տալ, չորցնել, ոտքերը մաքրել՝ գործեր էին, որոնք մասնաւոր հոտ մը կը ձգէին բակին վրայ։ Ու լաւ հոտ չէր ատիկա։ Աղուորը վարժուած էր այս ամէնուն։ Այս կատարմունքները անոր մտքին մէջ ենթակայ չէին որոշ պատճառներու։ Գիտէր սակայն, որ իրեն տարեկից հարսներ, հակառակ զաւկի դիեցումին, լացուկոծին ու յարակից հազարումէկ յոգնութիւններուն, պարտաւոր էին ոտքի ըլլալ կեսուրէն առաջ, ու կատարել վերը յիշուած բոլոր աշխատանքները ` անտրտունջ ու անթերի, ու վրան ալ աղաւորել պարոնտատ, ընդհանրապէս խեղանդամ ու նեղսիրտ։ Անկողինէն դուրս, Աղուորին հսկողութիւնը յանձնուած էր դարձեալ հաճի Աննային, երկու մեծ աղջիկներուն, սանկ հեռուէն ու անպաշտօն։ Իր բաժինը պառաւը կը կատարէր օծուն խստութեամբ մը, ու նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ մասնաւոր քաղցրութեամբ մը։ Օր մը խիստ ու գէշ բառ չունեցաւ անոր հասցէին կամ երեսին։ Ընդհակառակն, մեղր ու շաքար էին անոր բառերը, դուրսը թէ ներսը, մենաւոր [398] թէ օտարին ներկայութեանը։ Հրամայել չունէր, անիծել չունէր, գանգատիլ չունէր։ Կեղծ գովասանքներ չէին լսեր իր բերնէն։ Բայց անիկա մշտապէս փակ կը պահէր տանը մեծ դուռը։ Ու մեռելի դագաղի նման կը ճնշէր ատ դուռը զուարթ փողոցին, ուր շարք մը տուներ դուռ անգամ չէին գործածեր գիշեր ու ցերեկ։ Պատուհանին բացուածքները տախտակեայ հասարակ փեղկէն զատ ունէին երկաթ, հաստ ձողերով պահպանակներ, բանտի պէս պիրկ ու անժպիտ` չնմանելով ուրիշներու, որոնց երկաթահիւս մասը պզտիկներուն համար զուարթ վանդակ մը կը ձեւէր փողոցն ի վար կախուած։ Բայց տունը յատկանշող, բացառիկ ու անիծուած ընող պարագան՝ վարագոյրներուն բաշխումն էր։ Մշտապէս լարուած, ճերմակ ու ցուրտ, քիչ մը կապտաւուն, բայց անհունօրէն տխուր կ՚ընէին անոնք տան կրկնակ յարկերը։ Մարդոց ոտքը առաջ չէր երթար այդ սեմէն ներս կոխելու։ Հին դղեակէն դիմացող այս վարժութիւնը ա՛լ մաս կը կազմէր տունին հոգիին, հոն ապրողներուն ալ հոգիին։ Վասնզի սուտ չեն անոնք, որ կը պնդեն, թէ տուներն ալ կը նմանին մարդոց, դիւրահաղորդ կամ տարամերժ կ՚ըլլան անոնք։ Ու կ՚աւելցնեն, թէ շէնքը ոչինչով է մեղաւոր։ Մենք ենք, որ մեր խառնուածքին, ժառանգութեան թաքնախոր հոսումներովը կ՚արգասաւորենք անոր բարոյական դէմքը` ստեղծելով որոշ պատկեր կամ մեր յաւելումներովը կը փոփոխենք, կ՚եղանակաւորենք արդէն կազմուածը։ Ի՞նչն է այն աննշան բանը, որ երկու երկիրները իրարմէ կը զատէ, եթէ ոչ՝ այդ հոգին Ոչ մէկ ցուցմունք, բայց վստահ եղէք, թէ աչքը պիտի զատէ անցուած սահմանը, երբ կը կոխէ նոր երկրի մը վրայ ոտքը։ Նալպանտենց տունը չունէր հրաւիրող հով։ Հոն կ՚ընդունուէին բոլորովին հասուն, այսինքն՝ իրենց աշխատանքին հետ բոլորով շաղուըւած անբաժանելի կիներ, որոնք ուրիշ բան պիտի չըլլան, եթէ ոչ՝ պատկերը իրենց օրուան գործերուն։ Որոնք երբ բերան ն ին բանան, հացէն ու զգեստէն, տղոց կարիքներէն, տաքէն ու պաղէն զատ պատմելիք չունին մինչեւ գերեզման։ Կան այս կիները, ինչպէս են ստուար տոկոսը արդէն այրերուն։ Աղուորին հետ կը տեսնուէին բոլոր նշանուած ու տարուան մէջ հարսնանալիք աղջիկները, պաշտօնական առիթներով։ Բայց նոր հարսներուն քով պառաւը միշտ միջոցը կը գտնէր մէկը տեղաւորելու Աղուորին հետ խօսած ատեննին։

 

Մեծագոյն եւ անագորոյն զգուշութիւնը կը կատարուէր տան ծառային հանդէպ։ Ուրիշ տուներ իրենց համար փառք ու վաստակ կը համարէին ծառան առնել պզտիկուց, մեծցնել, խառնել անոր պատանութիւնը շէն ու եռացող իրենց գերդաստանին, նշանել ու [399] կարգել իրենց շեմէն ներս։ Բոլորովին անոքները այսպէսով կը մնային տանը մէկ անկիւնը, ծերանալով տանտիկինին հետ ու իրենց տղոցը յանձնելով իրենց բազուկները։ Արտերով աշխատող տուները յաճախ մէկ-երկու արտավարով բունիկ մըն ալ կը սահմանէին ուշ իրենց հոգիին համար, ատիկա լաւագոյն վկայութիւնն էր դատաստանի օրուան։ Ու ասիկա նահապետական հով ալ ունէր։ Միւս ձեւը՝ կարգել ու ընտանիք մը աւելցնել գեղին, աւելի սիրելի էր ու գոյութիւն ունէր հարուստ բոլոր գերդաստաններէն ներս։ Տեսակ մը տան տղայ էր ծառան ու կարգուելէն ետքն ալ տակաւին երախտիքով ու սիրով կապուած՝ աղային պարագաներուն։

 

Նալպանտենց Սերոբը հակադրութիւնն իսկ էր այս աւանդութեան։ Ձեզի ծանօթ է ժամանակի, վարձակալութեան պայմանաժամին ստացած ձեւը անոր մօտ։ Բայց անծանօ՛թ՝ ամբողջ արարողութիւնը, որ կապ ունէր անոր ընտրութեան։ Դուռ կը բացուէր ահագին փնտռտուքներու, գաղտնի բանակցութիւններու։ Կը խուզարկուէին ընտանիքին մօտաւոր, մա՛նաւանդ հեռաւոր անցեալը։ Ազնուապետական այս սովորութիւնները խնամքով ու հաւատքով կը յարգէր մեծահարուստի այս յետին շառաւիղը։ Կը շինուէր, կարելի հարազատութեամբ, ծառային հօրը մանկութիւնը եւ տունի կեանքը։ Կը լուսաւորուէր ասիկա բացարձակ պայման մըն էր աղքատութեան հանգոյցը։ Մէկիկ-մէկիկ կը գտնուէին ծախուած պարտէզներուն թուականները եւ կարիքը, որուն լրացումին համար անոնք զոհուած էին։ Դատաւորի մը պէս համբերատար, մայր ու տղայ այդ վաճառումն արդարացնող պատճառները կը կշռէին, հաստատ ու իրական հիմքերու վրայ։ Իրենց որոշումը կապուած եղաւ աղքատութեան աղէտին, ինքն ալ հետեւանք ձախող բերքի, առատ զաւակներու, կամ աւելի յաճախ՝ անակնկալ մահերու։ Այսքան խղճամիտ փնտռտուքէ յետոյ՝ Նալպանտենց տունը կը բանար իր դուռը ծառային վրայ, միշտ կէս, միշտ վախով։ Հակառակ այս խստութիւններուն, անոնք միշտ ալ խենթի պէս վազեցին այդ տունին։

 

Տան ծառան, կամ աւելի պարզ՝ ծառան այդ կողմի գեղերուն համար ընթացիկ տիպար մըն էր։ Որոշ չէ անոնց հաստատման թուականը։ Բայց թուրքերու հաշիւով կը բարձրանայ առնուազն երկու դարու։ Նոյն այդ հաշիւը Նիկիոյ լիճին շրջակայքը հողեր կը տրամադրէ հայերուն ա՛յնքան, ո՛րքան կը պահանջէ թուրքերէ բնակուած գիւղերուն սովորական բազմամարդութիւնը։ Գաղթական այս մարդերը խանգարած ըլլալու են «տէրերուն հաշիւները»։ Վասնզի անցեր են դարեր։ Լերան սիրտը նետուած գեղը աճեր է առատ ու արագ։ Մաշեցուցեր է անտառներուն ծածկոյթը` վերածելով մատներու բոլոր հասած հողերը մշակելի պարտէզի։ Ու քիչ-քիչ ալ թաթ է փորձեր դէպի ցած, հոյակապ դաշտը, ուր ոսկոր ցանես՝ հոգի կը բուսնի, ինչպէս կ՚ախորժին ըսել։ Այս ծաւալումը սպառնացած ըլլալու է դաշտին տէրերուն, թուրքերուն, որոնք պետական միջոցներով ճնշած են զայն ու կրկին դէպի լեռ նետած անոր ալիքները։ Այսպէս սանձուած, մեր գեղը դարձած է լերան։ Հարիւր տարիէ ասդին, գեղին ամբողջ հարստութիւնը, այսինքն՝ մշակելի լաւագոյն ու արդիւնաւէտ հողերը անփոփոխ սեպհականութիւնն են հին ընտանիքներու։ Մարդուն սիրտը կը բացուէր շքեղ այդ ձիթաստաններուն դէմ, որոնց հողը լուացուած ըսուելու չափ մաքուր էր ու մերկ։ Որոնք գեղեցիկ էին, պատմութեամբ կամ դրուագներով, ու անունները կը կրկնէին յաճախ աղուոր կիներուն ու հարսներուն ` ընդհանրապէս իբր սաչու անցնելով մէկ սերունդէն միւսին։ Յետոյ՝ ամէն հող չունի ամէն յարմարութիւն։ Այգի, ձիթաստան որոշ մարզերու մէջ կը յաջողին միայն։ Ու անոնք չեն ծախուիր, վասնզի կրակի գիներու հասած են։ Պապենական ժառանգութիւնը միայն կը զօրէ անոնց փոխանցումին ու կը կոտորակէ։ Այսպէսով է, որ անոնք կը վերածուին ծիծաղելի փոքրութիւններու, բայց կը մնան կապուած՝ ընտանիքին։ Բայց պէտք է աչքի առջեւ ունենալ, որ նոյն այդ հարիւրամեակին, գեղին բնակչութիւնը քառապատկուած է, անփոփոխ ձգելով հողերու եւ տուներու քանակը։ Կը հասկցուի, թէ ինչու հին տուները յղփացած ըլլան հողով ու նորերը, ապրելու համար, իրենց բազուկներէն զատ ոչինչ չունենան։ Այս է պատճառը, որ մարդեր, բազուկներ առատ ըլլան ու տրամադրելի։ Հարուստները չնչին տարեվարձով կ՚ունենան այս երկաթի պէս առողջ ու դանակի պէս կտրուկ պատանիները։ Ծառա՛ն՝ աղքատ, բայց հիմնովին աղքատ, հազիւ քանի մը տասնեակ ձիթենիի եւ հարիւրեակ թթենիով տան մը վեց-եօթը զաւակներէն անդրանիկն է, որ ցամաք հացով կը ճարէ առաջին ոսկորները, հում ու քիչ, բայց որոնք պիտի կարծրանան, երբ թաթխուին հարուստի եղին ու մեղրին մէջ։ Տասնէն անցնող ամէն տղայ փրկութեան լաստն է ընտանիքին։ Անոր անդրանիկ վաստակը երկու տարուան տուրքը կը գոցէ պետութեան։ Ետեւէն կը հասնի երկրորդը, որ քիչ մը աւելի պահանջկոտ է եւ տուն ընտրել գիտէ, այսինքն՝ օճախ ու խաթուն կը զատէ։ Երրորդ մանչուն ատենը, նուաճուած ու բորոտ հայրը կ՚աղուորնայ, եղ կը կապէ, մարդու կարգ կ՚անցնի ու կ՚երեւայ սրճարանը, զոր լքած էր երեք-չորս տարիէ վեր, խմած սուրճին դրամը վճարելու անկարող ըլլալուն։ Չարքաշ, չափազանց պարկեշտ, անդրանիկ տղաքը իրենց հայրերուն հետ կը մեծնան դաշտերուն մէջ, հովուերգական, բայց խիստ պայմաններու տակ։ Ցամաք հաց, շատ-շատ որդնոտած ձիթապտուղ եւ փուրաս [400] ։ Անոնք ատեն չունին, դպրոցէն իսկ, հարուստներուն մեղքովը պլշկուելու։ Անոնք կը կրեն իրենց հօրմէն առաջին ուժգնութիւնը սերմին ու նրբաւարտ են՝ ինչպէս գեղադէմ։ Անոնց վրայ չի դողար քաղքին այն հովը, որ առջինեկները ծեր կ՚ընծայէ ծեր անկողիններէ։ Քիչ կը խօսին, քիչ կը ժպտին, կոշտ ու պիրկ կ՚ըլլան ու քիչ մըն ալ հող կը հոտին, շատ կանուխէն հոն տարուելնուն։ Կան, որ կը շփոթուին բակի կոճին հետ իրենց գոյնովն ու կարծրութեամբը։ Վայրենի, երգելու տեղ մռլտացող, դիմագիծերնին հաւաքուած, բայց ոչ-զուրկ տեսակ մը արու շնորհէ, անոնք կը դնեն պարկեշտութեան բարձր չափ մը իրենց յանձնուած ամէն գործի մէջ։ Չեն տառապիր նախանձէն, չքաշելէն, որ անոնց խաթուններուն դէմքը կ՚ընէ քիչ մը թթու, գուցէ կերած հացերնուն քանակովը տառապող։ Չեն նախանձիր հարսներուն, մօտ, պարզ, միջին հրապոյրով, քանի որ կարգը տակաւ կը մօտենայ անոնց։ (Բացառիկ հարսներուն հանդէպ անոնց տկարութիւնը չ՚անցնիր մարդկայինին [401] սահմանէն)։ Մերկ ու բարի անոնց հոգին վսեմութեան կը հասնի, երբ ձախորդութիւններ զարնեն աղան ու անոր կալուածները։ Բայց ընդունուած է, որ անոնք ծառայեն մինչեւ որ շէնք-շնորհք պսակդրամ մը, հարսնիքին օժիտն ու հարիսացուն խնայած ըլլայ իրենց մաման։ Կ՚արժէ շեշտել, որ ծառայելու այս ձեւը հեռու է ստրկական երանգէ։ Նախատական չէ անիկա ոչ մէկ տղու համար եւ չի կշռեր անոր նշանածին պարագաներուն։ Ու հիմնապէս կը տարբերի շրջանի միւս գիւղերուն մէջ ընդհանրացած պատկերէն, ուր աշխատանքը անվերջ ձմեռ մըն է երիտասարդին։ Ատոր վաստակը կ՚ուտէ գինով հայրը կամ դիւրամատոյց կնիկ մը, սովորաբար այրի, քիչ մը հեռուէն ալ ազգական։ Պոլսոյ աւելի մօտիկ, այդ գեղերը աւելի շուտ վարակուած են անոր աղտերէն [402] ։ Ասդին, առանց իսկ ակռան շատ սեղմել հարկադրուած ըլլալու, ծառան կ՚աճի։ Կը հասուննան անոր քանի մը կարողութիւնները։ Հաշիւ, դրամներու տեսակ ու կեանքի խոշոր դասերէն շատ մեծկակ կտորներ՝ կը բանան անոր աչքը։ Կը նուաճէ աշխատանքին դառնութիւնը։ [403] Կու տայ առաջին կնիքը՝ իր սրտին` հեռու ապրելով սրճարաններէն, ուր հարուստի անգործ տղաքը կը սպաննեն [404] իրենց մարմինն ու հոգին։ Ան կը պահէ հայրենի տունին պարզ, սուրբ ըսուելու չափ պարզ աւանդութիւնները։ Քրոջը պատիւին չափ տարուած է հարսներուն պատիւովը։ Առաջները առածի [405] կարգ անցած էր անոնց պարկեշտութիւնը, [406] կերուած հացին դէմ մինչեւ մահ երախտիքով։ Տանուտէրը անոր համար կը մնար տեսակ մը հարուստ, ուրախ ծնողք, կնքահօր համապատիւ, որուն ձեռքպագի կ՚երթար ինք Ծնունդին, երեք-չորս զաւկի հայր ըլլալէն ետքն ալ։ Բայց խճուղիին ձգուելէն ասդին՝ այդ տղաքը աւելի լայն վարձքով ու քաղցր պայմաններու հանդէսով մը, ուր հանըմին հեռանկարը կու գար առաջին գիծի, փնտռուեցան թուրք գեղերէ։ Այս շփումը բացաւ անոնց զգայարանքները՝ ինչպէս աչքը։ Ու անոնց վերադարձը գեղին մէջ բերաւ նոր մեղքերու, գայթակղութիւններու հունձք մը։ Իմ օրերուս՝ դիտելի էր անոնց վրայ կեցուածք մը կիներու հանդէպ, որ արդիւնք կը սեպուէր հարեմներու խորհուրդին մէջ անոնց ստացած փորձառութեանց։ Բայց հայ գեղին մէջ վարձուողները պահեցին համեմատական մաքրութիւն։ Քանի՛ բարքերը փոխուելու միտում բերին, ա՛յնքան ծառաներուն հանդէպ տրամադրութիւնները խստացան։ Հետզհետէ սկսան փնտռուիլ կարգ մը ստորոգելիներ։ Տնտեսական պայմաններու կարծրանալը, գեղին անընդհատ աճումը, թուրքերուն փոխուիլը դեր ունէին այս խստացումին մէջ։ Անոնց համար լաւագոյն վկայական մըն էր խմիչքի դէմ անոնց կեցուածքը, որ կը ստուերէր նոյնիսկ կիներու հանդէպ անոնց համարձակութիւնն ու ազատ բերանը։ Չխմողը կը փրկէր իր ուրիշ խոշոր թերութիւնները։ Գէշ նոթ մըն էր ծխելը։ Քիչ մը գրել-կարդալը կ՚արժէր կրկնապատիկ յարգանք ու տարեվարձքին վրայ կարեւոր յաւելում։ Հաճի Աննային համար թափու ի մուրհակէն աւելի թանկարժէք էր տարիքը։ Մայրերու, կնքակիցներու, ծնունդի տարիին հետ կապուած կարեւոր դէպքերու ամբողջական փաստեր դեր ունէին ընտրութեան վրայ։ Այս մանրակրկիտ քննութենէն յետոյ տան ծառան կ՚արժանանար անսովոր թոշակի։ Օճախին համբաւը (Նալպանտենց այս տունը մեծ մեղանչումներ չունէր գեղին սրտին վրայ ճնշող), պարկեշտ տղու հանդէպ աւանդական համակրութիւնը կը մնային այս արդիւնքին վրայ։ Ծառային հագուստը ոչ մէկ տարբերութիւն ունէր տան տղուն հագածէն։ Կ՚ուտէր նոյն սանին [407] պարունակութենէն, թէեւ երբեք նոյն սեղանին վրայ։ Տաղաւարներու (երկու մեծերուն) չուխա եւ կօշիկ։ Բայց չէր կրնար օճախով սենեակը մտնել ու քանի մը բերան բան փոխանակել աղային [408] կամ հարսին հետ։ Ան հաճի Աննայէն պիտի ընդունէր աշխատանքի բոլոր հրահանգները, ու անոր պիտի տար իր տեղեկութիւնները։ Հաճի Աննան մէկիկ-մէկիկ կը ճանչնար իր բոլոր կալուածները ու անոնց պէտքերը։ Երեսը քիչ մը պինդ տղոցմէն չէր ախորժեր։ Երկու հատ վռնտեց, որովհետեւ ճիգ տեսաւ վրանին աչքի իյնալու, դուք կը հասկնաք անշուշտ որո՛ւ աչքին։ Չէր ախորժեր տնտնացողէն, մասնաւորաբար, ձիուն բեռը փլած ատենը կամ բակէն իր բաժինը քաշուելու պահուն։ Իր ուզածն էր ա՛ն՝ որ մեծապէս սուզուած իր գործին մէջ, տունն անգամ պիտի ըլլար առնուած այդ ոլորտին։ Պիտի ընէր ինքզինքը ջնջուած ու չգոյ ու պիտի չբարձրանար երբեք երկրորդ յարկ։ Տղաքը կը գուշակէի՞ն այս պայմանները թելադրող ոգին։ Իրողութիւն է, որ ճամբու դրուելէն ետքը, անոնք գեղին մէջ կը տարաձայնէին այս սեղմումները, բաւական սրամիտ մեկնութիւններով համեմուած ու կը խօսէին իրենց հնարքները` խաբելու համար հաճի Աննային աչքերը։ Թէ ինչպէ՛ս ճեղքած կ՚ըլլային ներսէն ախոռին պատերը, հետեւիլ կարենալու համար հարսնուկին հասակին, որ կը քալէր բակէն դէպի դուռ՝ ինչպէս երազ մը, բայց որուն ծփանքէն աշխարհ մը սարսուռ կը կործէր իրենց պատանի սրտին։ Անոնք, հակառակ տաժանքին, որ ցերեկուան վաստակը դիզած կ՚ըլլար իրենց կոպերուն, բռնի բաց կը պահէին ասոնք, երազելու համար Նալպանտենց հարսը, որուն փայլն ու գովքը հետզհետէ կ՚ամրանային եւ որուն ամուլ արգանդը կը գրգռէր անհուն ախորժակներ, առհաւական ու մռայլ։ Եղան՝ որ զայն անգամ մը լման տեսնելու ու շունչին մօտիկը ըլլալու համար, տունին մէջ հիւր ընդունուած պահերուն նետուեցան դուրս, երբ գիտէին, որ հարսը, լոյսը [409] ափին միշտ կը բանար պորտա ն (մեծ դուռը բակին) ու կը լուսաւորէր եկուորները, կարմրած, քաղցր, անըմբռնելի, խենթ ընելով տղաքը իրենց պշուցումին մէջ։ Անոնք կը պատժուէին անշուշտ։ Բայց դժուար էր խրատը պատանիներուն։ Կը ճամբուէին։

 

Ու Սողոմենց Սողոմը` Նալպանտենց ծառան, ունի բոլոր վկայաթուղթերը, որոնք անցած են հաճի Աննային վաւերացումէն։ Չգտնուած տղա՛յ։ Միակ անպատեհութիւնը անոր քիչիկ մը նիւթական լայնութիւնը։ Ասիկա քիչ մը ցոլք կու տայ մարդոց երեսին, որմէ չեն ախորժիր բոլոր ուրիշը աշխատցնողները։ Հաճի Աննան մոռցա՞ծ է արդեօք Սողոմին մեծ հայրը, որուն դանակը երկու կանգուն հասակ ունէր ու չորս գրկաչափ ալ աղտ ու արիւն։ Անոր տղան` Առաքինի Դաւիթը, ծախած էր այդ երկաթին կտորը երկու բեռ լէպլէպիով ու բաշխած աղքատներուն։ Անկէ ասդին՝ թաղուեցան պատմութիւնները։ Գուցէ կը յիշէ։ Բայց հա՞յրը։ Աստուծոյ հրաշքներէ [410] աս ալ։ Բայց որքա՜ն առաւելութիւններ անոր թոռանը վրայ։ Սողոմենց Սողոմը, գառնուկի պէս տղա՜յ։ Սուսիկ-սուսիկ աչքեր։ Բերան մը՝ տարօրինակ քաղցրութեամբ, որ ժամուն մէջ կը լացնէր բոլոր կիները, Աւագ Հինգշաբթիի արարողութեան[ց]` «Ո՞ւր ես, մայր իմ» ը լացին մէջ եղանակելով։ Տասնութ տարեկան է ան, անշուշտ աւելի մեծ անպատեհութիւն մը։ Բայց այս երկրորդ տարին է, որ կը մնայ անիկա։ Գեղացին քիչ մը զարմանքով նկատած է այս զանցումը Նալպանտենց օրէնքներուն։ Յետոյ լսուած է, որ հաճի Աննան աւելի զիջող է ներքին կանոնագրին յօդուածներէն։ Յետոյ կը սիրեն լսել, որ ամէն բան անուշ է այդ տղուն վրայ։ Հակառակ տարիքին ու հասակին՝ անիկա թարմ է՝ պատանիի մը նման։ Քիթին տակը ոչ մէկ ուրուացում ստեւի։ Ու խանձած չէ անոր դէմքը, քանի որ հօրը մահէն առաջ անիկա չէ եփած արեւներուն, հացին քրտինքէն խաշելով քաղցր շնորհը պատանութեան, այն ատեն՝ երբ մեր մորթը իր վերջնական գոյնը կը ճարէ տասնչորս-տասնհինգի դուռներուն։ Ասանկ բացառութիւններ ու ասանկ աղէտներ չեն պակսիր գեղին մէջ։ Հայրն է, որ կ՚իյնայ, կը մեռնի, իր տարիքին կէսը չառած, տուն մը զաւակ ձգելով կէնճուկ կնոջը։ Երկրորդ ամուսնութիւն մը անյատակ թշուառութիւն է։ Կիները մշտապէս արհամարհած են ատիկա։ Այրերուն համար՝ խորթ-խասի կռիւը սարսափելի տրամ մը ու ահաբեկ է ըրած մէջ-մարդերը [411] ։ Փորերնին կուշտ, քսակնին կուշտ, մսերնին տեղը մարդերը միայն կը մտածեն այդ կարելիութեան, առանց ահուդողի։ Ու ընտանիքին մեծ տղան քաջաբար կ՚անցնի ինկողին տեղը։ Հողը միշտ ցամաք հաց միայն տալ կրնայ բազմաբերան ընտանիքին։ Աւելի՛ն. այսինքն՝ լաթը, տուրքերը, հետզհետէ շատցող ծախքերը կը դարմանուին, պիտի դարմանուին օրավարձով, որ ամէն տղու համար, կատարուելով օտարին հողին, յաւելեալ ու բռնի աշխատանք կը դառնայ` ենթակայ ըլլալով շուկային ու պէտքին քմահաճոյքին։ Պէտք է սպասել սորվիլ։ Ու տագնապը հարթելու լաւագոյն ձեւը ինքզինքը ծախելն է տարիով։ Սողոմը լուրջ ու յարգուած տղայ, առանց բերանը բանալու, ընդունած է հաճի Աննային բոլոր օրինագիրքը։

 

Ընդունած է, առանց լիապէս գիտակցելու այն ձգողութեան, որ զինքը նետած է այս տունին մէջ։ Անբացատրելի՝ բայց յստակ խորհուրդ մը փաթթած էր զինքը, դեռ պատանի, երբ տարիներ առաջ, տեսաւ Նալպանտենց հարսը, տաղաւարի մը կալին։ Այդքան։ Բայց բարքերը եղած են տարբեր։ Առաջները, տղաքը օտարին կնկան կը նայէին, բայց կը մնային անզգած ու խաղաղ։ Անոնց մէջ չէր երկարեր պատկերը, որ հարսները կը տանի մինչեւ անկողինները։ Կիները առարկաներու, աւելի շատ՝ դաշտի աղուոր այգիներուն կը նմանէին քիչ մը, ու տէրերը անոնց՝ անառարկելի, Աստուծոյ հրամանով։ Սիրային տրամ մը, նշանածէ նշանած, գրեթէ ըմբռնելի չէր կիներէն դէպի տղաքը ու փոխադարձ։ Պոռնիկնե՛ր, որքա՛ն կ՚ուզէք։ Ազգապիղծ անկողիններ Աստուծոյ աչքին կը ձգուին։ Սէրը անծանօթ էր գեղացի տղուն, որ զգացումը աճեցնելու քիչ հող ունի իր մէջ, տարուած, պաշարովի, ուրիշ հոգերէ։ Բայց ես կը խօսիմ գուցէ ջրհեղեղէն։ Այդ երանելի տարիներէն ասդին շատ բան է փոխուած։ Թուրքերէն մեր տղաքը սորվեցան աղուոր կիներուն համը ու անոնց վրայ խօսելու սարսռոտ քերթուածը, երբ քանի մը հոգի քիչ մը ոտքէ հեռու տեղուանք, աշխատելէ յետոյ, սիկարի մը հանգիստին համար կ՚երկննան կակուղ շուքի մը ու ասոր-անոր կնիկը մէջտեղ կը դնեն։ Ու դրուածը՝ պարտաւոր է ճշդուիլ, պատկերի վերածուիլ, մանրամասնութեանց հանդէսով մը, որ անոնց բերնէն ջուր կը վազցնէ։ Ու այսպէս է ան նաեւ Սողոմին համար։ Անիկա իր բախտակիցներէն կը փնտռուի ու կը հրաւիրուի «մարմին հագցնելու» հարսներէն ամէնէն խռովիչին, հիմա՝ երբ անոնց տունն է։ Առաջ անիկա մտիկ ըրած է ուրիշները, որոնք իր տեղը եղան։ Ու կեանքը քալած է իր երկաթ ճամբան։ Գործերը, տունին հոգերը, հօրը մահը իրարու ետեւէ լեցուցած են անոր հոգին, արգիլելով հոն ծաղկումը հզօր պատկերին, ու վերադարձուցած անոր զգայութիւնները՝ իրենց սովորական հուներուն, դէմքն ալ՝ գեղացի տղու ընդհանուր տիպարին։ Ով գիտէ բախտը հանէ՞ պիտի անգամ մըն ալ անոր ճամբան, երազին այդ կտորը։ Ու հաշտուած թռած պատկերին ու անոր կորուստին՝ ժամանակին ծոցը, անիկա ալ պիտի սպասէ, որ քանի մը տարիէն անոր ծնողքը նետեն անկողինին մէջ օրինաւոր կինը, միսի անծանօթ փերթ մը, որ ոչինչ ըսէ պիտի անոր հոգիին։ Բայց չ՚ուշանար զօդուիլը, որ սէրը չէ։ Ո՞վ պիտի անդրադառնայ Նալպանտենց հարսին եւ բոլոր հարսներուն։ Ան հայր պիտի ըլլայ քսան տարեկանին, ու երեսունին, կէս երկվեցեակ մանչ շարած տան սանդուխին աչքերուն, հասուն ու պարպուած, յուսակորոյս ու յափրացած՝ ան համ պիտի չառնէ ա՛լ կնիկէն ու նման պարապ բաներէն։ Օր մըն ալ անի պիտի զգայ դառնութիւն ու աղ։ Աղքա՜տ՝ անիկա իր գիշերները պիտի ազատէ իր կնիկէն, հացին համար ու պիտի մաշի տուն մը տղոց ակռաներէն։ Օրէնք է ասիկա եւ երկաթով խարանուած՝ այրերու ճակտին։ Այս օրէնքէն կը զարտուղին մարդիկ արեան տուրքով ու ոճիրով։ Մա՛հը նուազագոյն չարիքն է, գինն է այս զեղծանումին։

 

Գ

 

Գործը աւարտած ներս մտաւ Աղուորը։ Կարծես թէ նոր տեսնային կամ չճանչնային զայն։ Երկու պառաւները, անոր վրայ խօսելէն-խօսելէն, սպառած կը թուէին անոր իրականութիւնը, այնքան խախո՛ւտ, երբ բաղդատուի անկէ շինուած անցեալին, որ ա՛լ գալիք չունի եւ որ կը կշռէ աւելի հզօր մեր լինելութեան վրայ։ Կեցաւ հարսնուկը, կարծես մէկէն ի մէկ սուզուած իր իսկ անլինելութեան մէջ։ Պատրանքը տեւեց այսպէս, մինչեւ որ հարցուց անիկա։ Այն ատեն՝ պառաւները տեսան ու հասկցան թեթեւ վարդագոյնը, որ աշխատանքէն ինկած էր երեսներուն ու կը հագուեցնէր զանոնք բարակ շնորհքով մը, ա՛յն խածուելիք եւ ուտուելիք բանով, որ կարգ մը դէմքերը կ՚ընէ եղերական եւ հզօր։ Կիներն ալ կը զգա՞ն ատիկա։ Բայց անիկա սենեակին մութ խորքին վրայ  --արեւը քաշուեր էր բոլորովին դէպի տանիքը--  անիկա բարերար ու արդար ցոլացում մըն էր, փոխն ի փոխ պղտորուող՝ ինչպէս ջուրի ակ մը, ուր գայլախազ [412] մը կ՚իյնայ, եւ մաքրուող, վերածուելու համար իր իգութեան իմաստին։ Քաղցրութիւն, հեշտանք, երիտասարդութիւն, չհաւաքուած մայրութի՜ւն, որ կը զեղուր անոր ամէն խորշերէն։ Այո՛։ Բայց դժբախտութի՛ւն ալ։ Ու կը ճնշէր անոր անմեղութիւնը, անգիտութիւնը պառաւներու լարուած խղճմտանքին։ Կան ասանկ պահեր, ուր մեր ներքին, ստուգագոյն իրականութիւնը, նոր բառով մը՝ ճառագայթումը տեղ կը ճարէ մենէ դուրս, քանի մը երեսներով, ու կը յայտնուի իբր շատ մը բան նոյն րոպէին մէջ։ Հարցում, վարանք, վախ ու կարօտ, հաշիւ ու առհաւութիւն, երկինք ու դատաստան։ Ու տակաւին ուրիշ բաներ, եթէ կ՚ուզէք։ Աղուո՞րը։ Բայց մայր ու կնիկ, արգանդ ու ստինք, երիտասարդութիւն եւ յիմար հեռուներ [413] ։ Սերո՞բը։ Մահ ու ոճի՜ր։ Աշխատանքը ըրած էր զայն թեթեւ մը հեւուն։ Քրտինք չունէր անշուշտ, բայց ճակտին քովերով բան մը կը պտղէր [414] ։ Հաճի Աննան վար առաւ աչքերը։ Մեղքը աւելի պզտիկ է երբեմն [415] ։ Հարսին կերպարանքը խռովիչ էր ու տրտմեցաւ անիկա։ Իր կարգադրութեան համաձայն, մինակ ձգելու համար Աղուորը մամային հետ, ելաւ նստած տեղէն, թօթուեց պողը [416] մէկ-երկու հեղ ու շատ բնական ձայնով մը խօսեցաւ պարապին վրայ.

 

-- Մոռցայ մածունը բռնելու։

 

Իրա՞ւ։ Սո՞ւտ։ Դուրսն էր արդէն ու անոր մարմինին օրօրուն ծփանքէն կը հոսէր դժուար ու ծանր հոսում մը [417], զգալի նոյնիսկ Աղուորէն։ Բայց Սարեկենց Բաբէթը կարծես կը տեսնէր, իր բոլոր զարհուրանքին մէջ, ի՜նչ որ կը քաշկռտուէր անոր հետքերէն։ Ան նայեցաւ յուսամոլոր անոր ետեւէն` իր մենութեան սարսափէն ճնշուած, երկանաքարի մը տակ ինկող մէկուն նման։ Ու կը տեսնէր ողբերգութիւն, արիւն ու մահ, որոնք ընտանի բանի մը պէս կը հոլովուէին, ընելով անոր քայլերը ծանր, լեղի, սրտի վրայ կոխող։ Ու երկուքն ալ, մայր ու աղջիկ, չէին գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը համրէին անոր քայլերը։ Ու ինչո՞ւ այդքան ծանր էին անոնց զարկերը։ Հատան։ Շատուոր, խռով լռութիւն։ Անոնք այն ժամանակ վերադարձան իրենց մենութեան, երբ ախոռին դուռը ճրճռաց։

 

Աղուորին համար տրտում, բայց անփոխարինելի հաճոյք էր մինակ ըլլալը իր մամային հետ։ Աղջիկները չեն սիրեր իրենց մայրը, երբ դեռ կը դառնան անոր փէշերուն ձգողութեանը մէջ։ Փեսայի մը անկողինը չէ, որ կը բանայ անոնց մէջ սիրոյ դուռները։ Թերեւս նորածինի մը բերնին զետեղուած ստինքի պտու[կ]էն [418] է, որ կը խոցուի անոնց անզգածութիւնը։ Անկէ առաջ՝ դարձին [419] համը զօրաւոր է բաւական։ Բայց հինգ տարիներ կը բաժնէին զինքը այդ զգայութիւններէն։ Ըլլալով զրկուած՝ կեանքին գերագոյն զբաղումներէն ու կարելի վայելքէն, չունենալով անկողին ու արգանդ, կաթ ու օրան՝ անիկա իր մէջէն ծորուած կենսունակ բա՛նը, աւիշը կը տարտղնէր շրջապատին, համեստ անկիւններու իսկ զեղելով կաթը իր հոգիին, աղջիկներու հոգիին [420], մայրութի՛ւ նը։ Կայ այս հոսումը ու զգալի [421] ։ Թող անցնին երկու կիներ, մէկը՝ մայր, միւսը՝ ձուարան։ Մեր զգայարանքները պիտի ազդուին հարազատ ու անխաբ։ Ան ունէր անպարտկելի գորով բոլոր ծնունդներուն վրայ, ըլլար ատիկա հաւու ճուտիկ մը կամ շունի լակոտ։ Թող կատուն իր ծիծերուն պտուկները լքէր իր պզտիկներուն, քիթէն արձակած անոնց վրայ օրերգը, կամ հաւը ելլէր ժուռ ածելու իր ձագերը. թող հովիւը լեռնէն ջուխտ մը ուլ բերէր դրացիներուն, ան պիտի պատմէր եղելութիւնը՝ կենդանի ու քաղցր, ու ատոր դրուագումին մէջ պիտի դնէր այն մայր բանը, որուն հեղանուտը գոլի մը պէս, որ չ՚երեւար, բայց կայ կը պտտէր իրեն հետ, կը ծաւալէր իրմէն դուրս, ու կ՚ընէր անոր ներկայութիւնը այնքան խռովիչ մէջ-կնիկներուն։ Սրտառուչ էր անոր այս ծարաւը օրանին ետեւէն։ Որքան հեռու էր անիկա վաւերական այն չորութենէն, մալուածքէն, որ կը պարուրէ սառած արգանդները ու կը հեղուի դարձեալ շրջապատին, անսիրտ ու դէգ եսասիրութեամբ մը, ընելով փատցած աղջիկները անտանելի, եւ անբեղուն կիները՝ դաժան ու զազրելի։ Ցանկայարոյց է ամուլը, անասնական խստութեամբ եւ միշտ օտար՝ արուին։ Աղուորին համար ցանկութիւնը մթնոլորտ մըն էր, որուն մէջ փաթթուած կը քալէր։ Այս անտեսանելի հեղանիւթը իր գոլէն կ՚անցընէր անոր փոքրագոյն իսկ բառերը։ Ու կ՚ընէր զայն պզտիկ, պուպրիկի պէս զգլխիչ, երբ ան կը լեցնէր մօրը ծոցը իր չհատնող հարցումներովը, տղու պէս քաղցր ու անխելք։ Կան այս բերանները, որոնք ուզած ատեննին կու տան [422] ։

 

Ինչպէ՞ս տեսաւ մայրը, որ կու լար։ Ե՞րբ եղած էր ատիկա։ Անիկա տարիներէ ի վեր վարժուած էր անոր բռնուած արտայայտութեան, որ ի վերջոյ կազմած էր մնայուն պատ մը անոր երեսին։ Այդ բռնուածքը, աշխարհի աչքին, կը տեսարանէր անոր ցաւը, այդպէս լուռ ու կործանուած, բողոքի մը պէս, որ չի ծառանար ու չ՚ուզեր պոռթկալ, ով գիտէ ինչո՛ւ եւ կը ծաւալի իր աւազանին վրայ։ Մէկէն յիշեց, որ կար անոր ձայնին մէջ ալ լացի, կապի այդ երակը, որ վրիպած էր իրմէ, դուրս չհեղուելուն։ Բայց արցո՞ւնքը։ Ասիկա փորձանքն էր, անակնկալ ու ահաւոր։ Խաղաղութիւն մը սուղ է միշտ մեր հոգիին համար։ Զայն խանգարող առաջին կրակները կ՚ազդուին ու կը խոշորնան այդ համատարած պատկերէն։

 

-- Ի՞նչ ունիս, մամա՛ս, մամա՜ս։

 

Նետուած էր վրան։ Ու ի՜նչ կու լար։ Կու լար անիկա տարիներու չելած լացը, զոր խնայած էր իր մօրը, անոր տարիքին խնայելու համար այս կսկծանքը։ Կու լար անիկա` արցունքին համին մէջ տարօրինակ զուգորդութիւն գտնելով քրտինքին հետ, որ իր մարմինը պատնող հեղուկ համբոյրը եղաւ։ Յետոյ կեցուց։ Ինչո՞ւ կը տեղաւորուէր անոր գիրկը, կարծես հնգամեայ աղջիկ մը ըլլար։ Ի՜նչ տարօրինակ է մեր մէջ գիրկի այս կարօտը։ Երկու ձեռքերը ամուր՝ անոր կզակին ու գլխուն։ Աչքերը պինդ՝ անոր ողողուած կոպերուն, որոնք նայուածք չըլլալու համար կը թաղուէին կէս այդ փրփուրին մէջ։ Բայց պարտաւոր էր ան խօսելու։

 

-- Բան չունիմ…

 

Սրբեց արագ անիկա քիթը, փոխանակ աչքին։ Մեծ յուզումներուն մէջ քիթը կեդրոն կը դառնայ յաճախ։ Ան կը նեղուէր այս անզօր, վհատ սկիզբէն։ Յիշեց, որ քիչ առաջ, պառաւին հետ խորհրդակցութեան ընթացքին, անիկա երդումով խոստում էր տուած չլալու ոչ մէկ գնով ու պատահելիքը մօտեցնելու իր աղջկան հոգիին իբր պարտք մը ` քաղցր ու անստուեր ու անխուսափելի։ Խե՜ղճը։ Չէր գիտեր, թէ մեր որոշումները մեզի հետ կը վարուին քմահաճ հիւրերու նման։ Չէր գիտեր, թէ վճիռի [423] ձեւ գտած մտածումին եւ անոր իրացումին մէջտեղը ժամանակին դիակը կայ, մեծ կամ պզտիկ, բայց դիակ մը, որ կը պաղեցնէ մեր բոլոր կրակները։ Թէ՝ գործադրութեան պահերուն մէջ կը լքեն մեզի բոլորովին հաւատարիմ նկատուած յատկութիւններ։ (Այս նահանջն է, որ հոգեկան կոտորածի պահուն կը հնչեցնէ ահազանգը ու կը նետէ մեր քայքայումը մեր կամքի դաշտէն [424], տապալելով մեզ այնքան արագ ու անակնկալ։ Անդամներէն առաջ ու զգայարանքներէն առաջ՝ ուղեղը չէ, որ կը յոգնի, այլ ա՛ն՝ որ քիչ ետքը ուղեղը պիտի ըլլայ։ Դուրսէն դէպի ներս այս հարուածները մեզ կը կքեն, քան [425] բուն իսկ սկզբնառիթ իրողութիւնը)։ Ամէն կողմէ ասեղներ ուղղուեցան դէպի անոր կոպերը եւ շիշտեցին (շիշ խոթել) անխնայ անոր ակնագունդերը։ Պարտաւորուեցաւ բանալ։ Բայց արցունքը աչքին մէջ զսպելու անոր ճիգը ճնշած, ուռեցուցած էր անոր քիթը, որ կարծես շոգիէ մղուած՝ կ՚ուզէր ճամբայ ելլել ու կը դողար իր խարիսխէն։ Ու վազեց հեղուկը կրկին, առատ ու հեկեկագին, իր կրած ճնշումէն կրկնապատիկ ու դիմադարձ ուժգնութիւն առնելով։ Կու լանք ոչ այնպէս, այն մեքենականութեամբ, որով կը խնդանք։ Ժպիտը անգայտ է ու ատով քիչ մը անձեւ, հազիւ հաղորդուելով հոգեկան յատակին։ Անիկա մակերեսային է եւ տրամադիր գունաւորուելու թերեւս արտաքին ազդակներէ։ Ո՛վ չէ խնդացած ուրիշին հաճոյքին համար։ Այդ է պատճառը, որ բնազդով թերահաւատ ենք ժպիտէն։ Բայց արցունքը յստակ է։ Թանձրութիւն ունի։ Արտայայտիչ է ու պահով պայմանաւոր։ Անկեղծ ենք, երբ կու լանք լացողին հետ ու չենք նեղուիր մեր խղճմտանքէն ուրիշներու հաշւոյն խնդացած ատեննուս նման։ Վարերէն կու գայ ու ներքին յատակի մը առնուազն աղերը կը վերբերէ։ Կեղծիքին մէջն իսկ չի դադրիր ինքզինքը ըլլալէ։ Բայց աւելի յաճախ անիկա մեր վիշտն է, գուցէ էութեան, ըլլալու հարցին մէկ օդերեւոյթը, որ ձգելով կազային իր վիճակը՝ հեղուկ մը կը դառնայ, ու կը կրկնէ ստեղծումին անպարագիծ մէկ խորհուրդը։ Ամէն լացող հասկնալի է։ Խնդացողնե՞րը։

 

Բայց Աղուորը առաջին անգամ էր, որ կը տեսնէր մօրը աչքերը սա անյատակ արտայայտութեամբ։ Հեղուկէն ու անոր իմաստէն դուրս էր բոլորովին սա դէմքէն վազող դառնութիւնը, ահաւոր այն բանը, որ կը խորտակէ, իր անծանօթ կողմէն։ Անիկա թօթուեց մայրը, ինքն ալ չարտասուելու համար ու կը կրկնէր.

 

-- Ինչո՞ւ կու լաս։ Ի՞նչ ունիս։ Ի՞նչ կայ, մամա՛ս, մամա՜ս։

 

Գրեթէ արցունք էին բառերը։ Կարճ, բայց սանդուխի մը աչքերուն նման վրայէ վրայ բարձրացող սա հարցումները չհասան մօրը, որ պրկեց իր դէմքը եւ խածաւ շրթները` չխօսելու համար։ Աղուորին երեսը անորակելի բան էր ատ պահուն, անգիտութեան խռովքէն, որքան վերահաս աղէտէ մը սարսափահար։ Վախը տարիք ունի կ՚ըսեն ոմանք ու ձրի վերագրում չէ, որ կ՚ընեն։ Մեծին մօտ անիկա դուրս է քմայոտ ու մղձաւանջային կողմէն։ Երիտասարդ կիները տարբեր կը վախնան պառաւներէն ու հոս չի բաւեր ջիղերու ընկալչութիւն կամ կեդրոններու մաշում մէջտեղ նետել։ Մայրը չէր խօսած, շրթները շարժելու ուժ չգտնելուն։ Ինչպէս պարպուած էր անիկա իր կենսահիւթէն։ Ատկէ զատ, այդ պահուն, անոր տկարագոյն ու հիւանդ մասը լեզուն ըլլար, որ կոթէն կոտրած հացիի [426] թիի մը նման երկնցեր էր վար, դէպի խորերը կոկորդին։ Ու ամէն ճիգի պիտի փրթէր, իյնալու համար աւելի խոր։ «Լեզուն բռնուիլ» բացատրութիւնը մինակ առաչօք տեսիլներուն չի դիտուիր։ Մենք ունեցեր ենք բոլորս ալ անկէ։ Այս պատկերը Աղուորին մէջ յառաջացուց անբացատրելի անհանգստութիւն։ Բոլորովին ինքզինքը դուրս գիտնալով սարսափին այդ պարունակէն, որ կը բռնանար սենեակին վրայ, անիկա կը դողար բնազդական սարսափէ մը, իր խորհուրդովը աւելի կեղեքիչ։ Այդ սարսափը իր ասեղներովը ճամբայ կ՚ուզէր բանալ դէպի անոր ուղեղը։ Բայց անիկա կը մնար շուարուն ու չէր տեսներ։ Պատահածի՞ն, թէ պատահելիքին խաւարը եղաւ գիշերուան մը պէս լայն ու ուրուայոյզ։

 

Բայց արեւը յառաջացած էր կամարին վրայ, շինելով օրուան ընդհանուր նկարագիր մը, բարի, գոհ ու արդար, դուրսը, հսկայ գեղին վրայ, այդպէս ոսկի ու ջերմին, ջինջ ու գորովոտ, վրան մա՛նաւանդ հասնող այգիներուն, որոնք հեռուի բլուրները կ՚ընէին համոտ ու ցանկալի` մարդկեղէն զգայութիւններու հանդէս մը տարածելով անոնց անզգած երեսներուն ու փոխադրելով հնձաններուն ծիծաղն ու աղջիկներուն դեղձան երգերը այդ ամայութիւններուն։ Օրը կը մտնէր իր այն մասին մէջ, ուր զբաղումները տուներէն ներս կը թեթեւնան ու հարսներն ու ջահրակները փողոց կ՚իջնեն։ Օրնի տղաքը՝ քուն։ Դպրոցականները՝ հեռու։ Երկամեաները իրարու հետ փոքր գզուըտուքով։ Ու անոնց տարտամ աղմուկին կը խառնուէր հեծքը բուրդին ու բամպակին։ Ամէ՛ն օր, ասիկա այսպէս էր, երբ ամառը բանար արեւներուն ամբարը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ տարիներով կրկնուած ու մեր գիտակցութեան չհասած զգայութիւններ մէկէն թանձրութիւն կը ստանան, վիճակ մը կ՚ըլլան ու իբր հակապատկեր, իբր օժանդակ պատկեր կը փռուին մեր հոգիին դաշտերուն դէմ։ Ինչո՞ւ ու երբէ՞ն ի վեր խաղաղ [427] բան էր սա պահը, ամբողջ օրհնութիւն ու ամբողջ գորով, մինչ ուրիշ մը՝ ամբողջ մաղձ է ու մոխիր։ Մէկուն մէջ մեր արգանդը չ՚ապրիր ու չի բռնանար, միւսին մէջ տիեզերքը կը պզտիկնայ, կը չորնայ իր բոլոր խորութիւններէն ու անդունդներէն ու մարդը կ՚ընէ հարցում մը, հեւք մը, սլացք մը, կէտ մը, ինչպէս անհուն լե՛ռ մը, որ գիծով մը կը պսակուի ու վերջ մը կ՚ըլլայ։ Մէկուն մէջ ան, մարդը, կը դադրի իր անասնութենէն, վերածուելու համար թերեւս դեռ չկասկածուած իր իմաստին, պարապ եղէգ մը բռնուած տիեզերքին վրայ, չափելով իր շուքովը անդունդներուն անդունդը, զոր միտքը կը փորէ, չհասկնալով, բայց ըլլալով իր իսկ ճակատագիրը, նմանելով քովիկը բուսած խոտին շիւղին, անոր պէս բարի ու խեղճ ու անցաւոր։ Միւսին մէջ… բայց վերջ չունի այս զուգահեռականութիւնը երկու աշխարհներուն։ Հինաւուրց պատուհանէն խոշոր կտոր մը լոյս, կէս կամի մեծութեամբ, կը փռուէր սենեակին յատակին, նշուլուն [428] եւ իրաւ, պատին մէկ մասին նետելով քիչ մը դեղին պղտորում։ Ո՜վ անուշութիւնը արեւին ու աչքին, չգիտնալուն եւ մահուան երթալուն, ու անուշութի՜ւնը ողբերգական պատերուն սա բանտէն ներս։ Բայց ի՜նչ անհանգիստ բան էր նորէն անոր լոյսը դաշոյնի մը պատենքին վրայ, որ կը ցրուէր ճառագայթները ու կը նեղէր նայուածքը։ Սողոմինն ըլլալու էր մահուան այդ գործիքը, քանի որ տունին մէջ ոչ ոք կը գործածէր անկէ։ Ու երկուքն ալ չէին հասկնար, թէ ինչպէ՛ս զէնքը ելեր էր ծառային խուցէն ու հոս եկեր-կեցեր էր իր պոչին վրայ, քաշող ու նենգ։ Ու կը նայէին, անսիրտ ու նեղուած, այդ ցոլացիկ առարկային։

 

-- Վերցո՛ւր, - ըսաւ մայրը։

 

Յետոյ յիշեց քիչ առաջուան ծխախոտի տուփը։

 

-- Սողոմը հոս կը մտնա՞յ։

 

Աւելցուց անիկա, տարտամ ու երկարուն, պատասխան չուզող։

 

-- Չէ՛։

 

Յստակ ու պարզ էր անոր աղջիկը։ Ու հեռո՛ւ անոր ձայնը ամէն կնիքէ։

 

Մայրը ոտքի էր արդէն։ Ան չէր գիտեր, որ այդ առտուն Սողոմը եղած էր օճախով սենեակին մէջ ու խօսած հաճի Աննային։ Վերցուց զէնքը, առանց պատենքէն քաշելու։ Բայց զգաց, որ շուարած էր զայն տեղ մը դնելու հարկին առջեւ։ Յետոյ հաստատեց, որ շուարումը վատ ու լռին վախ մըն էր իր մէջ ու կու գար խօսելու միւս հզօր հարկէն, որ կը կոխէր իր ծոծրակին ահաւոր սեպի մը նման։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ Սողոմին մարմինէն մաս մը կը դողար ափին մէջ, պերճախօս, լզող ու երիտասարդ ու փորձանաւոր։ Ան կրկին զգաց լեզուի այն դիակնութիւնը, որով տառապեր էր քիչ առաջ։ Բառերը չէին շինուիր։ Իր ճիգին մէջ անիկա տեսաւ, որ դաշոյնը կը խաղար ու իրարու ետեւէ կ՚արձակէր փոքր ու սրանկիւն ճաճանչներ, որոնք կը գծուէին ու կը կտրուէին թիթեղեայ պատեանէն։ Քալեց ու տեսաւ, որ կեցած տեղն էր։ Ճառագայթները խաղցած էին։ Հոգեկան շէնքի այս կրկնաւոր ծփանքը, ըլլալու ու չըլլալու այս հրթիռը տեսանելի էր դուրսէն օտար դիտողին անգամ։ Կ՚ըլլայ ասիկա, երբ մեր անձը կը կիսուի մէջտեղէն, երկու հզօրագոյն մղումներէ մագնիսի պէս աքցանուած։ Մենք ամբողջ կ՚ընենք մէկը կամ միւսը, երբ կը փորձենք կեդրոնանալ։ Արցունք, հոգ, վախ կը սրբուին այս պահուն, այնքան արագ է շարժանկարին խաղը հոգիին յատակին։ Ու ենթական կ՚ապրի տեսիլքի մը պէս։

 

-- Մամա՛, դուն ասօր բան ունիս։

 

Քնքուշ, վստահելի, էգ, հրաւիրող։ Աղուորը կը դպէր պատրանքի պատկերին եւ կը ստիպէր մայրը ինքնիրեն դառնալու։

 

-- Ուրկէ՞ գիտես։

 

-- Կը տեսնամ երեսիդ։

 

Պատասխանը արագ էր, ատեն չթողելու չափ, որ մայրը տարուի մղձաւանջին թաթերէն։ Հիմնական վիճակէ մը խուսափելու ամէն ջանք տկար է մեր մէջ։ Ձգողութեան օրէնքը ճիշդ է նաեւ հոգեկան մարզին վրայ։ Մեծ յուզումները կը կլլեն փոքրերը։ Որքան արագ ըլլանք, ազատում մը այնքան հաւանական կը դառնայ։ Բայց հոգին կը գործէ մէկ նոյնիսկ գեղջուկին մէջ։

 

-- Դուն ատանկ չէիր նայեր ինծի։

 

Կեցաւ անիկա, կարծես հաղորդուած՝ մօրը պատասխանին, զոր չէր ուզեր։ Այն ատեն զգաց, որ չէր խորհեր մօրը, ինչպէս գրեթէ միշտ, այլ՝ իրեն։ Այս վերագիւտը զինքը ըրաւ նախապէս ամօթահար, յետոյ՝ խիստ։ Ի՞նչ կարծր հոսանք անցաւ անոր ջիղերէն։ Բայց աւելցուց տարօրինակ քաղցրութեամբ.

 

-- Ա՛լ չեմ երթար քաղաք։ Կախէք, չե՛մ երթար։

 

Ու անոր այս բառերը կը հաստատէին անգամ մըն ալ հոգեբանական այն դիտողութիւնը, որուն համեմատ տագնապի պահերուն հոգիին առաջին շարժումը կ՚ըլլայ վերադառնալ իր հիմնական երեսին, բոլոր միւսները թաղելով ստուերին ետին (ուրիշ բան եղա՞ծ էր արդեօք Նալպանտենց հարսը, բացի իր արգանդէն)։ Հոգեւարքներու [429], զգայախաբութեանց, նուաղումներու ընթացքին առաջին գիծին կու գայ մեր անգիտակից ապրումը։ Քանի՜ տարի է քաղաքէն այս գարշանքը հասած էր անոր ամենաթաքուն ալքերուն։ Իր ամօթէն դուրս գեղացի հարսնուկի անոր մարմինը խանութէն կախ մսի կտորի մը պէս ձեռնուած էր այնքան անգամներ, այրերէ ու կիներէ, ծերերէ ու պառաւներէ , իր հրապարակային սուտովը [430], ամէնուն աչքին քսուած այդ կեղծ փոշին, հետզհետէ կը դառնային [431] երկրորդ նահատակութիւն մը, որուն տառապանքը պարտաւոր էր մինակը կրելու, էրիկը փարթամ նուէրներով ելլելով ճահիճէն։ Մեզ կը շինեն տարիները, բայց մեզ անցընելով տաքէն ու պաղէն, քիչ անգամ մետաքսէն ու ոսկիէն։ Ու կնոջ մը տաքն ու պաղը մի փնտռէք անոր դուրսը։ Այսպէս է, որ ա՛լ անոր մէջ կազմուած էր, տարիներու մամուլէն դարբնուած, արձանը [432] իր ճակատագրին, իրաւ է, թէ անստոյգ ու անրջագիծ [433], ինչպէս է ճակատագիրը ինքնին, բայց զանգուած ու ճաղատ, նման մղձաւանջի մը, որ կ՚աշխատի ըլլալ ու չի կրնար։ Նալպանտենց հարսը արտաքին աշխարհին համար անորդի արգանդ մըն էր, որ իր տիպէն բոլոր կիներուն նման պիտի դիմանար իր միսերուն վրայ թերեւս տասը տարիով աւելի, մտնելու համար մեղքը քանի մը երիտասարդի, պիտի խաղար արիւնով ու տապարով երեք հատ մէկ սերունդի մէջ պատահած է տապարահար յօշոտումը այդ գիծէ կիներուն ու անոնց փէշերուն շուրջը դարձող այրերուն կամ ժամանակէն առաջ զարնուած Աստուծոյ ահէն, ապուշ ու ցաւագար, տեսիլքներով մաղաղկուն պիտի իյնար պառաւութեան ծոցը` գոցելով դուռը, օճախը գեղին հարուստ մէկ գերդաստանին։ Իսկ ներսին համար անոր վիճակը դուրս է որակումէ։ Գեղը կ՚անգիտանայ կուսութիւններուն դժոխքը, որ մեր օրերու քաղաքակրթութեան ծաղրանկարը պիտի մնայ ու հասկնալի չէ այդ պարզ մարդերուն։ Խուլերը, համրերը, կաղերը, նո՛յնիսկ անդամալոյծները, հոն ` գեղին մէջ, անպայման պիտի խառնուին կեանքի գերագոյն հեղեղին։ Անոնք պիտի կարգուին ու իրենց խեղութիւնը պիտի լուացուի ու չքանայ իրենց սերունդին արիւնին մէջ։ Կուզ Առաքելը, որուն հասակը կանգուն մըն էր ու կուզին ծաւալը՝ գրիւ մը ցորեն, վեց հատ մանչ շարեց, ֆիտան ի պէս, իրարու հասակ տուող։ Առաքելը ջնջուեցաւ` շատ-շատ պիտակ անուն մը կտակելով ընտանիքին։ Ու տղաքը առիւծի պէս մարդեր եղան։ Կոյս աղջիկը տասնհինգէն յետոյ ըմբռնելի չէ։ Տուն-մնաներուն համար իսկ բախտը կը բանայ ճամբաներ, որոնք մօտի գեղերը կը տանին։ Աղուորի՞ն համար։ Դադրած էին բոլոր հնարաւորութիւնները ու անոր ճամբան մէ՜կ, որ կը տանի մեծ հաշուատեղին։ Աստուա՞ծը։ Բայց ոչ ոք կը հաւատայ անոր, մա՛նաւանդ դժբախտութեան մը անդունդէն (յուսահատներուն սիրելի երկնային մխիթարանքը գրական է ու հռետորութիւն)։ Անոր կը խորհի գեղացին, երբ յաջողութիւնը կը լեցնէ իր ամբարները եւ գուբերը։ Բայց իր մտածումին հակառակը կը գործէ, երբ կը ջանայ զայն կաշառել։ Ցուցամոլութիւն է մատաղը։ Կեղծիք են մեր բոլոր նուէրները, որոնք բացատրելի են բազմաթիւ ազդակներէ։ Վասնզի խորապէս ժլատ ենք, երբ կը տառապինք ու ասիկա աւելի անդին է, քան պանդոյր բնազդը եսապաշտ դպրոցին։

 

-- Աս է եղեր իմ ալ ճակտիս գիրը, մամա՜ս։

 

Ո՛չ տրտում, ո՛չ սուտ սա բառերը կը վայլէի՞ն սա շքեղ յօրինուածքին, քսանամենի սա առատ մարմինէն, որ, ծունկի՝ մօրը կուշտին, ձեռքերը ծոցին վրայ խաչաձեւած հազիւ կը զսպէր իր ստինքներուն յորդ խաղը։ Ա՞ս էր ճակատագիրը։ Որքան օտար, ամբարիշտ պիտի գար այս ըմբռնումը ուրիշ ամէն լսողի՝ ամբողջ հեշտանք, ամբողջ կրակ ու կարկուտ սա պատկերէն։ Մայրը բացաւ լայն իր աչքին դուռները, կարծես նոր կը տեսնէր անկէ արգանդին ողբերգութիւնը, նոյն ատեն իր ու բոլոր կեանքերուն իմաստը։ Ու ներս կ՚առնէր իր հոգիէն շէնքը այդպէս լափլիզուած անոր հոգիին։ Առաջին անգամն էր, որ այդ պատկերէն անիկա զգաց խլրտումներ իր ծոցին մէջ ու յիշեց իր հարսնութիւնն ու անոր առջի անկողինը։ Ի՜նչ սուտ է ամէն բան, սառնարանի մը վրայ։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ բախտը զինքն էր, որ կը հարուածէր այդ րոպէին, իր աղջկանը վրայէն։ Ու իր աղջիկը՝ իր շարունակութիւնը։ Բան մըն էր ան, որ մաս կը կազմէր իրեն, չէր դադրած մաս կազմելէ։ Ծնողքի կապը չի բացատրեր այս անձնացումը։ Դղրդեցան իր մէջ մշտապէս գոյ, բայց մինչեւ այդ պահը իրեն անծանօթ աղբիւրներ։ Իր մէջ կը յուզուէին կինն ու մայրը նոյն ատեն, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ ալքերէ, հաւասարապէս հզօր եւ իրաւ, պահանջկոտ ու արդար։ Այս բխումները արիացուցին դժբախտ խլեակը։ Եղաւ անիկա ուրիշներուն պէս խիստ, հրամայող։ Իր ո՞ր մեղքին համար։ Բռնեց աղջկանը թեւերը, որոնց կակուղ համը վայրկենապէս հասաւ իր ներսի մռայլութեան ու ճառագայթեց։ Այս մարմի՜նը, ի՛նչ արքայութիւն կը շինէր որեւէ անկողին։ Ու զգայութիւնը նիւթացաւ, երկարեցաւ ու չգնաց։ Ու տխուրը ա՛ն էր, որ փոխուեցաւ դժնդակ անդոհի մը։ Վիճակներու երկու ծայրերը երբեմն իրարու կը միանան, ինչպէս օձի մը պոչն ու գլուխը, երբ կը սալարուի։ Ու մենք չենք կրնար զանազանել միջինին կորուստը։ Վտանգի շատ որոշ հեղեղում մը յաջորդեց տեսիլքին։ Ու երբ, ուրիշ անգամներ, այս տեղումն [434] ու կործանումը կը նմանէին փոթորիկին յատակը յօրինող սեւութեան, հիմա կը բարձրանային դէպի ճակատ` մինակնին գրաւելով հոգիին տրամադրելի բովանդակ դաշտը։ Ու երբ ուրիշ անգամներ այդ վտանգը կարելի կ՚ըլլար խղդել, առնուազն շեղեցնել անմիջական ու կարճ շահերու, հաշիւներու խառնակոյտին մէջ, հիմա կը բռնանար մօրը հոգիին։ Երկրորդ, չորրորդ գիծի նետուեցաւ Նալպանտենց տունին համար ժառանգ ճարելու դասական հարցը։ Էակա՞նը, բայց ո՞ր մէկէն խուսափիլ։ Ամօթէ՞ն, որ ուշ կամ կանուխ պիտի մզուէր [435] տունին ծակտիքներէն [436], թափէր փողոց ու անոր աղջկան մարմինը ցոյցի պիտի դնէր օտարին թեւերուն մէջ։ Ու ասիկա բարեբաստ պարագան էր դարձեալ։ Ահաւոր իր փեսա՞ն։ Որուն ստեղծած պայմանները աւելի սեւ էին, քան թուրքերունը՝ իրենց հարեմներուն։ Էակա՞նը։ Մեղքէն յետոյ անխուսափելի լքումն էր, որ պիտի ամայի ընէր անոր անմիջական շրջապատը ` միս-մինակը ձգելով անոր թերեւս յղի որովայնը աշխարհքին թուքին ու մուրին դէմ։ Անոր կեանքը ա՛լ կը դադրէր կարելի պաշտպանութենէն ու կ՚իյնար հասողութեանը տակ պատահարին ու բախտին։ Ու… բայց ինչպէ՛ս մտածել։ Ու դանակ։ Ու տապար։ Ու արիւն։ Ու չուան։ Ու գերեզման…։ Անդունդը կը խորանար, առանց որ անոր միտքին լոյսը յաջողէր ընկերանալ այդ էջքին ու լուսաւորել թանձր ու սեւ ալիքը գալիք դժբախտութեանց։ Ի՞նչ, ո՞րը կը սպասէր իր Աղուորին։ Վայրկեան մը անոր կարճ խելքը փորձեց կամուրջ նետել խորխորատէն ու դատել մեր դժբախտութիւնը՝ ինքն իր մէջ, դուրս՝ մեր հագցուցած բոլոր ծեքծեքումներէն։…

 

Հինգ տարի անցած էր հարսնիքէն։ [437] Զարմացաւ, որ այդքան շուտ կ՛անցնի այդ ամբաւ [438] բանը: Զարմացաւ կրկին, որ ետեւն էին անոնք, այնքան քիչուած, աննշան ու փոշի՜։ Խե՜ղճ կնիկ, բայց սուտին մէջ չէր անիկա։ Մենէ ամէն մէկը թող ետեւէն վերցնէ իր կեանքին այն պահը, ուր անոր տրուեցաւ խորագոյն ցնցումը, ու դատէ՜։ Շարժումները փոշի իսկ չունին։ Բայց անիկա մանրեց այդ ժամանակը, թել-թել, ինչպէս կ՚ընէր բուրդի կծիկին։ Ու ըրաւ զայն անջատ-անջատ գիշերներու անողորմ շղթայ մը, ու անոր ամէն մէկ օղակին մէջ, ինչպէս օձի մը ձուածիրին մէջ, պառկեցուց իր աղջիկը, անարեւ իր անկողինին խորը։ Հզօր սարսուռ մը, որ կին ըրաւ այդ սեռէն վռնտուած աւերակոյտը, որ պառաւի մը մարմինը կը կոչուի, ու այնքան դաժան կ՚ըլլայ, սեռային հեղանուտէն չամոքուելով իր թոյնին ժանգին մէջ։ Մշուշի պէս բան մը պատեց անոր ուղեղը։ Ինչո՛ւ եւ որու շահով՝ այս անկրակ, անվախճան, անճողոպրելի խարուկումը։ Մէկէն դարձաւ ասդին։ Աղջկանը մազերը կը վառէին կարծես հեքիաթին մորենիին նման։ Ու այդ բոցին վրայէն կը տարածուէր միւս ամայութիւնը, ան ալ լեցուն հիւսուածովը, անկուածքովը [439] նոյն ժամանակին, ով գիտէ որքա՛ն տարիներու ամբարէն հանուած ու ամիսներու կանգունովը ձեւուած, ու նետուած՝ խորը պարապին ` կազմելու համար անգոյն, անկրակ, աներազ իրականութիւնը, այդպէս մանրուած, իրերատիպ գիշերներու յաջորդութեան մը վրայ, այսպէս այրելով իր աղջիկը ողջ-ողջ ու չսպառելով։ Ի՛նք՝ որ հաշտուած էր գրեթէ անցած զրկանքին։ Բայց գալի՞քը։ Բայց անհաշիւ գիշերներու այս խելացնոր արշա՞ւը Աղուորին վրայ, ասեղներու խուրձի մը պէս բզկտելով անոր միսերը, արիւնելու չափ խթանելով բոլոր հանգոյցները, որոնք յուզումներու կծիկները կ՚ըլլան մեր մէջ ու կ՚ուզեն ։ Այս դժոխքի՞ն համար էր, որ ծուէն-ծուէն [440], իր ամէնէն բարակ մասերէն զատելով, տարիներու ընթացքին շիներ էր սա մարմինը։ Գեղին մէջ նմանը չունէր այս դժբախտութիւնը։ Ամուլ արգա՞նդ։ Բայց ատիկա բաղդատելի իսկ չէր աղջկանը անկողինին։ Անսփոփ ու անյատակ անոր գիշերները մէկէն բազմացան ու խուժեցին իր վրայ ` բռնաւոր ու դաժան։ Գրեթէ ձեռքով փորձեց պաշտպանուիլ, այնքան իրաւ էր այդ գրոհը։ Ու գոցեց աչքերը։ Երբ բացաւ, աղջիկը մօտ էր լալու։

 

Քանի՞ րոպէ նայեցաւ այդ լալահար պատկերին։ Պիտի չյիշէր։ Բայց իրեն այնպէս եկաւ, որ շատ երկար, օրէ մը աւելի երկար քալած մարդու մը չափ յոգներ էր անիկա տեսարանէն։ Մինչեւ իր բերանը բանալը, ահաւոր խօսակցութիւնը սկսելու համար, ան անցաւ նուաղումի եւ պարզ զգայարանքներով զգալի մահուան մը բեւեռներէն ` օտար, հեռու, մօտ, իրաւ, սուտ, ամէնն ալ իրարու մէջ ու քակուած ու ցրուած անբաւ բանի մը սիրտը…։ Պիտի չյիշէր ոչ մէկ հաստ, ոսկոր ունեցող մանրամասնութիւն։ Պիտի չյիշէր դարձեալ շեշտը, թոնը, որով ան արտասաներ էր եղերական սա քանի մը նախադասութիւնները։

 

-- Գիտե՞ս ի՛նչ կ՚ըսէ կեսուրդ։

 

-- Ի՛նչ կ՚ըսէ։

 

-- Կ՚ըսէ, որ Սողոմին ծոցը մտնաս աս գիշեր։

 

Ըսած էր անիկա ու շուարած ոչ թէ անոնց պարունակած ամօթին բեռէն, այլ՝ իր իսկ յանդգնութենէն։ Ան եղաւ գրեթէ շնչասպառ ու կապուտ։ Նոյնիսկ անբանացած՝ պիտի ըսէր հոգեբոյժ մը, քանի որ անոր երեսին պաղ ժպիտ մը դողդողաց, եղաւ, մարեցաւ, իրարու ետեւէ, կապուտիկ բան [441] մը մէջը։

 

Աղջիկը կեցուց լացը ` շանթահար ու կարմիր։ Նայեցաւ մօրը, անշուշտ չհասկնալով վերջին նախադասութիւնը։ Այնքան ճիշդ է, որ մարդ ուրիշը մտիկ ընելու ատեն ինքզինքն է, որ մտիկ կ՚ընէ ամէնէն առաջ։ Ու բառերը՝ հաղորդուելու համար մեզի՝ պարտաւոր են նախապէս տաքնալ մեզմէ։ Այդ վայրկեանին Աղուորին միտքը հիմնապէս օտար էր արտայայտուած պատկերին։ Բայց չուշացաւ թափանցումը։ Բերանը բռնի բացին կարծես, այնքան արագ կզակները լարուեր էին, օդի անցք մը ճարելու համար պարպուած կուրծքին։ Արիւնը ի՛նչ շուտ հալածուեցաւ անոր երեսներէն, որոնք եղան դալուկ ու տգեղ, մորթէն ուռեցուորած ու բռնի փակցուած։ Մէկ ձեռքը ան տարաւ աչքերուն ` բան մը վանելու բնազդական շարժումով։ Մօտ էր մարելու։ Մայրը ետ եկաւ իր ապուշ ժպիտէն ու ջանաց խօսիլ։ Երրորդ անգամ անոր լեզուն դիակի մը պէս մխուեցաւ կոկորդէն դարվար։ Անոնց աչքերը կը վախնային իրարմէ։ Ու տարօրինակ էր, որ հոգիով իրարու յառած՝ անոնք չկարենային խօսիլ։ Բայց տեսնէին, իրարու վրայ սեւեռուած` իրենց ցաւը ու ամօթը, յստակ ու զատ-զատ։ Մնացին լարուած դէմ դէմի, ահաբեկ ու դժբախտ…։ Երբ ինկաւ արիւնի այս սառումը ու կեանքը վերադարձաւ անոնց պարպուած երակներուն, անոնք ջախջախուած էին, բիւրեղէ գաւաթներու նման, որոնց սառոյցը կը հալի եւ մարմինն ալ կոտրած կ՚իյնայ վար։

 

Ժամ մը ետքը, որ տարիի պէս դառն էր ու արճիճ, մայրը մեկնեցաւ տունէն, մամուկը պինդ ու աչքերը գետնի քարերուն, մարդու հետ խօսելու հարկով դողահար։

 

Օրը տակաւին հեռու էր կէսէն։ Հաւերը իրարու ետեւէ ածեցին ու աղմկեցին ու քաշուեցան շուքերուն։ Տունը, արեւին տակ, եղաւ հեւացող ու տխուր։ Անմոռանալի կերպով դժբախտ էր անոր առաջին հանդիպումը կեսուրին նայուածքին։ Խօսք չունեցան, չունէին։ Ժողվեց հաւկիթները, ջուրով զովացուց բակը, առանց գիտնալու, որ ներքին կրակի մը կը հնազանդէր ու ինքզինքը կը պաղշտկէր։ Յետոյ՝ կերա՜ն, հարուստի հաց, որ շատցաւ երկուքին ալ լեզուին վրայ։ Ինչպէ՜ս կ՚ուտէին։ Անդրադարձան, ամէն մէկ պատառի, զիրենք այդպէս լուռ ընող, եղերական պատահարին, բայց չըսին իրարու եւ ոչ իսկ վանկ մը այդ ներքին անդոհանքէն։ Վերցուց սեղանը, մեքենական ու հեռու։ Անիկա կը ծռէր ու կը քալէր` առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ էր ըրածը։ Բայց ամէն բան կատարուեցաւ սովորական շարքով։ Աւլեց, մինչ կեսուրը կը տնտնար։ Խօսքի պատրուա՞կ։ Անշո՛ւշտ։ Զարհուրած անոր ձայնին մտապատկերէն, առանց սպասելու, ամէն օրուան նման, անոր որոշումին եւ հրամաններուն, որոնք յետմիջօրէն կը գործածէին՝ անիկա ելաւ վեր։ Քայլերը երկաթի պէս դէգ ու պաղ։ Յոգնած չարաչար, ու մէջքը՝ չէր կանգներ ետեւէն։

 

Հակառակ Օգոստոսի տաքին, թարմ ու զով բան մը կը ցոլար կարծես պատերուն երեսէն։ Մշտապէս փակ պատուհաններուն շնորհն է ատիկա, որ կարգ մը տուներուն հոգին կը շինէ, մարդերէն, այսինքն՝ հոն ապրողներուն գաղտնի հոսումներէն առնելով իր ծուէնները։ Աղուորը մտածեց Նալպանտենց պաղին, ու այդ գիծով իջաւ էրկանը պաղին, որ կը բխէր անոր միսերէն, չարչարուած, ճմռկուած ու գանակոծ ագռմէջէն ու սառուցիկ հով կ՚ըլլար կռնակն ի վեր ու վար, ակռաներուն վրայ սառուցիկ սարսուռի փոխուելով, քսքսուող ու շօշափելի, որ կը հնչէր անոր ակռաներէն։ Թօթուելու համար վրայէն դուրս պաղի, սառի այս սուր զգայութիւնը, որուն այնքան ընտելացած էին իր մարմինին կարգ մը մասերը, դատապարտուած՝ ընդունելու այդ հոսումը, անիկա անցաւ բազմոց, զոր կը գորգէր հնօրեայ բուրդէ շալ մը, կապերտի պէս հաստ ու տօնական, հաճի աղային ձիու ծածկոյթը եղած ատեն [442] ։ Երկու ձի կը վազէին ոտքին տակ ու վրանին ձիաւորներ, այլանդակ, թուրք, դանակով ու վայրագ։ Ու վազեց անոնց ետեւէն միտքը։ Ամբոխուեցաւ անիկա բոլոր անոնցմէ, որոնք այդ տունին մէջ ապրեր էին օր մը, իրենց հզօր ու մեղապարտ կեանքերը։ Սնամտութի՞ւն։ Բայց անիկա մտապատկերեց հաճի Էղսան, որուն նմանը աղուոր կարելի չէր հանդիպիլ լիճի շուրջի բոլոր գեղերուն։ Ելած էր ոտքի։ Ամչցաւ ինքն իր յիմարութենէն։ Իր ձեռքերը անցան իր մարմինին կարգ մը մասերուն։ Ետ նետուեցաւ, կարծես կրակի դէմ բռնուած ըլլային։ Ճերմակ վարագոյրը թեթեւ խորշոմ մը խաղցուց, զգալի ընելով ինքզինքը։ Հով չկար սակայն։ Իրերը կ՚ապրի՞ն։ Անիկա չէր խորհեր իր շունչին, որ բուռն էր ու հեւքոտ։ Մէկդի ըրաւ կտաւը, որուն գաղջ հպումը քաղցրացուց իր ափը։ Աւելի տաքուկ ապակին։ Բացաւ զայն։ Ջերմուկ ու պարզ բան մը ողողեց իր երեսները։ Նայուածքը ինկաւ Սողոմին խուցին, որուն տանիքէն կատուներու զոյգ մը, քով քովի, իրենց արդուզարդը կ՚ընէին, մէկը թաւալուն, կռնակին սիւնը քսելով կղմինտրի փոսին ու լզելով պոչին տակը, միւսը կատուին դասական դիրքով, լեզուն քսելով մռութին ու պեխերուն։ Ու արե՜ւ։ Ու, աւելի անդին գե՜ղը, մարդերը, կիները, հարսները…։ Շինուեցաւ, առանց իր ուզելուն, երիտասարդին ալ դէմքը, լուրջ, պարզ, քաղցր։ Ու ընտանի։ Ինչո՞ւ այս բխումը՝ այսքան բնական։ Մտածեց անիկա դանդաղ։ Սուզուեցաւ, որքան որ կրնան կիները, իր ներսի ջուրերուն։ Խաղաղ էին անոնք իրենց աւազանին մէջ ու քաղցր պղպջակում մը միայն անոնց մէկ կէտին։ Ինչո՞ւ չէր սոսկար տղուն պատկերէն։ Ինչո՞ւ չէր ամչնար մանաւանդ։ Ամօթի այս գաղափարը զինքը վերադարձուց քիչ առաջուան իր պայքարին, մօրը եւ կեսուրին հետ։ Կրկին վրան ինկաւ այն ջերմ, հաւատաւոր բանը, որ այն ատեն իրեն ըսել տուած էր իրաւ ու կտրուկ բառեր։ Որքա՜ն [443] սրտանց եղած էր իր ընդվզումը։ Անցեալը կազմելու այս աշխատանքը վիրաւոր էր ու կէսով սուտ, հիմա։ Կը զարմանար: Կը զարմանար [444], նորէն կը ջանար կազմել անոնց դէմքերը։ Բայց չդիմացաւ իր կեղծիքը։ Ան կը դիմէր անոնց` խուսափելու համար ուրուացող, հզօր, տարօրէն գաղջ ու զինքը գէջ ընող բանէ մը, [445] որ կար հոն, աչքին դէմ, տանիքին տակ, սա սենեակին մէջ պահ դրուած անկողինին ծալքին մէջ։ Նստող կատուն խածաւ պառկողին ծոծրակէն։ Ան դարձուց աչքերը։ Հատիկ-հատիկ, արտասանեց, շրթներու մեղմ շարժումներով, պառաւներուն փաստերը։ Ի՛նչ տխուր ծանրացում էր իրը –որովհետեւ սուտ– անոնց աղաչական ձեւերուն, օրհնէնքներուն իմաստին։ Բայց զգաց, որ սուտն ալ, միւս բաներուն նման, ենթակայ էր քայքայման ու սպառեցաւ վերբերումը անոր ծուէններուն։ Բեկուած էր անիկա, վասնզի կէս ժամ իսկ չտեւող այդ վէճի ընթացքին անոր մէջ աշխատած էր միայն ու միայն կեղծիքը, զոր ահա նոր կը թափանցէր ամբողջութեամբ։

 

Ու ահա դէպքերը, իրենց ամփոփ գիծերուն մէջ, որոնք տեսաւ անոր միտքը [446] հիմա, այս անգամ իրականութեան լոյսին տակ։

 

Մօրը առաջարկէն յետոյ, նուաղման մօտ իր վիճակը հետեւանքն էր զօրաւոր յուզումի եւ բացատրելի։ Ճիգ ըրաւ ատիկա տեսնելու հարազատ երանգի տակ ու գտաւ, որ ամօթին վերագրելի ըլլալուն չափ, անիկա կապ ունէր նաեւ ուրիշ զգայութիւններու հետ։ Ինչո՞ւ մօրը բերնէն՝ նախադասութիւնը իջեր էր իր կեդրոնները մինչեւ, ու իր միսը սարսռած էր ամբողջ, վաւերական զգացման մը ճպոտին տակ, որ նոր էր անոր ջիղերուն վրայ։ Ատկէ խոյս տալու համար էր, որ վազեր էր անիկա վեր, այս սենեակը կրկին ու դուռը կղպած ետեւէն։ Ան նայեցաւ նորէն անկուղպ դրան ու թեթեւ կարմրեցաւ, վասնզի իր վրայ խուժեց իր ըրածին կեղծիքը։ Ան ուզած էր այն ատեն լսել մօրը ոտնաձայնը ու խորապէս տխրած զայն չունենալուն։ Խե՜ղճ աղջիկ, անիկա չէր գիտեր, թէ իր զգայութիւնները ճշմարիտ են ամէն տեղ ու ատենի համար ու սեռային բնազդը սուտ չի զարներ իր մուրճը։ Ամէն բառ, որ կու գայ այդ անդունդէն, հարազատ լեզուն է այդ աշխարհին։ Մենք կը լսենք զայն ու կ՚ուրանանք ` հպատակելով հաշիւներու, ձայներու, պարտքերու, որոնք կեանքը դիզած է մեր նեարդերուն կարժառին։ Անիկա վախցած էր մօրը յապաղումէն, ելած իր անկիւնէն, մօտեցած կամաց քայլերով դուռին եւ ականջը դրած բանալիի ծակին, հոտուըտելով ցանկալի ոտնաձայնը, սանդուխի աչքերէն։ Ըրած էր անիկա ատոնք, ամչնալով, բայց անկարող չընելու։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէր մաման, երբ փախած էր անկէ։ Զգացումի այս քմայքները երբեմն կ՚աշխատին մեր մէջ, բուն զգացումը փոխանակելու աստիճան։ Անոր սիրտը տրոփեց գոհունակ զեղումով, երբ մայրը պոռաց բակէն։ Անցնող ժամանակը նշան մըն է պառաւներուն միջեւ տեսակցութեան։ Ձայնը թուլցուց զինքը, փոխանակ յուզելու։ Ու ոտքի ելաւ նման մէկու մը, որ կը քալէ կակուղութեան ալիքներու վրայէն, բայց չպատասխանեց, այդ հեշտ բանը փախցնելու վախէն։ Ուրկէ՞ այս քաղցրութիւնը անոր մարմինէն։ Ամէն ինչ կակուղ էր անոր աչքին։ Ձեռքը դրաւ մղլակին, որ կակուղ էր կրկին։ Պիտի բանար, մինչ կը գոցէր։ Ձայները բարձրացան սանդուխէն։ Քայլերը զոյգ էին։ Կեսո՞ւրն ալ։ Բացաւ դուռը, երկար աղաչանքներէ յետոյ եւ ինկաւ մօրը գիրկը, քուրջի կտորի մը պէս, նուաղման նոյն տեսարանումով։ Արթնցուցին զինքը` ծեծելով ու կսմթելով։ Ու չէին գիտեր, որ քուն կամ նուաղած չէր անիկա։ Նալպանտենց Աղուորը, աւելի ետքը, պիտի փնտռէր պատճառը, այդ դերասանութեան ու պիտի չգտնէր։ Խօսեցան քիչ-քիչ, տարտամ ու օտար բառերով։ Երբ սկսաւ պատասխանել, զգաց, որ կը նեղուէր մնալ կրնալու համար իր կեղծիքին շղարշին մէջ։ Վախցաւ նոյնիսկ, որ ճիշդ կը տեսնէին իր հոգին, ու լացաւ, առանց որ պատճառ կենար։ Բայց պառաւները խոր էին սուզուած իրենց հոգին մէջ ու լեզու ճարած էին։ Չունէ՞ր արդէն հաճի Աննան։ Ան թմրեցուց հարսին խղճահարութիւնները, մեղքն ու հաւանական բարիքը կշռելով արդարութեան նժարին մէջ։ Շատ չէին անշուշտ փաստերը, որոնք գիրքերէ բերաւ անիկա։ Անհաս են Աստուծոյ ճամբաները։ Ու ի՜նչ ուրախ վստահութեամբ անիկա պարտկեց մեղքին աղտը գալիքին փառքով։ Ո՞րն էր Աստուածը, որ ժպիտով պիտի չընդունէր մէկ մեղքի փոխարէն հարիւրով, հազարով արդարները, որոնք Աղուորին ցեղէն կրնային ծնիլ, պիտի ծնէին անվրէպ։ Եսասիրութիւն էր դէմ երթալ Աստուծոյ կամքին։ Ու նկարէն ու անուշիկ բառերով պատմեց Մարիամ Մագթաղինացիին հեքիաթը, որուն ամէն մէկ մազէն մէյ-մէկ մարդ էր թաւալեր մեղքին ծովը։ Իր խօսքին մէջ կար թեթեւ ու թռչտուն բան մը։ Կարծես պէտք չզգար [447] ամուր ու խորունկ զարնելու, [448] տարտամօրէն թարմացնելով իր զգայարանքները եւ ընելով ինքզինքը քսանամենի։ Յետոյ անցաւ անիկա ուրիշ լարի։ Այս անգամ շատ կորովի բառերով, ձեռքով ու թուքով ան ստեղծեց խաղաղութիւնը գայթակղութեան։ Վրան առաւ, խաչով ու երդումով, կապուտուոր Աստուածին վկայութեամբը, ինչ որ կրնար գալ իր տղուն կողմէ: [449] Կարծես անոր թարգմանն ըլլար։ Սո՞ւտ կը խօսէր կատարուելիքին մէջ անոր էրկանը համամատութիւնը յայտարարելով։ Ապահովաբար Սերոբը դուրս էր այս դաւադրութենէն։ Բայց պառաւը դեռ կը նայէր իր տղուն մանկութեան պարունակէն։ Մայրերուն համար տղաքը չեն մեծնար, մինչեւ որ դաժան փորձառութիւնը մէկէն ի մէկ չխորտակէ այդ սրտառուչ պատրանքը։ Յետոյ՝ դիմում եղաւ Աղուորին խելքին, կեանքին բոլոր սեւութիւններուն։ Յիշեցուց[ին] [450] իրեն կռիւները, որոնք տեղի կ՚ունենային գերդաստանին ընդարձակ մարզարանին վրայ։ Անոնց իմաստը պարզ էր բոլորին ու, մա՛նաւանդ՝ Աղուորին համար։ Ի՛նքը՝ հաճի Աննան, այսօր կար, վաղը՝ ոչ։ Կեանքը ապուրի պտուկ մը չէ, որուն խուփը (կափարիչը) պահես մատներուդ հասողութեանը։ Ներկայացուց իր պարագան, որ շատ հեռուէն կը մօտենար պատահելիքին։ Ինչո՞ւ չհաստատեց ամբաստանութիւնը, որով հարուածեր էին մանչուն ծնունդը։ Ոչ մէկ ատեն անիկա պիտի ունենար աւելի նպաստաւոր առիթ իր մեղքը օգտագործելու եւ խղճմտանքէն քիչ մըն ալ թեթեւնալու։ Սո՞ւտ էին ըսուածները [451] ։ Սուտ կամ իրաւ, իրականը ա՛ն է, որ ոչ մէկ կին, հոգ չէ պառաւութեան շրջանէն, պիտի չխոստովանի իր արգանդը, երբ գրական [452] կամ ինքնագովական պատճառներ չեն դրուած հրապարակ։ Կեանքին անակնկալնե՜րը։ Ան նմանցուց ժառանգողներու խիղճը աղբիւրի մօտիկ սանդին, որ չ՚իմանար քիւլիւնկ ով ալ զարկէն։ Աստուած ինք պէտք էր հասնէր անզաւակ այրիներուն, որոնք իրենց էրիկներուն տունէն դուրս կը դրուէին, մուրացկան մը վռնտող խստութիւններով, կողոպտուած նոյնիսկ օժիտէն, զոր բերած էին մէրանցը տունէն։ Օրինակնե՞ր։ Մատները քիչ եկան ձեռքին։ Անուններու մարդոց ու կիներու, որոնք իրաւ էին, դուրսն էին, կ՚ապրէին հիմա այս թուումը միտքերը տարաւ ուրիշ սանդուխի։ Երեքն ալ շատ լաւ կը ճանչնային, տասը տուն վար, դրացի Լուսիկը, որ տասներկու տարի ամուլ մնաց, շատ հաւանական է էրկանը մեղքէն։ Ան ալ յղի ինկաւ տանը ծառայէն (պառաւը վճռական էր իր հաւաստումին մէջ ու ձեռքով դրածի պէս կը պատմէր դէպքը), բայց վերջը վրայ հասաւ Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Էրկանը պուկի ն կոտրեցաւ (հաճի Աննան երբեք չկրցաւ հաւատալ բժիշկներուն)։ Անիկա համոզուած մնաց պուկի ին, որ մարդոց ձեռքով հանգուցուած, պիտի քակուէր դարձեալ մարդոց միջոցներով։ Ան օր մը օրանց չկասկածեցաւ Նալպանտենց արիւնէն։ Չէր ըմբռներ արիւնին սպառումը, ի՛նք՝ որ մահամերձ այրերու սերունդները կը դիտէր՝ բարգաւաճ ու արի)։ Վեց հատ մանչ ժմնցուց։ Գէ՞շ եղաւ։ Օճախ մը վառելը տակառ մը մեղքէն աւելի կ՚արժէ Աստուծոյ աչքին։ Քանի՛ կը խօսէր, ա՛յնքան կը ջերմանար ու իր հաւատքը կը փոխանցուէր դէմիններուն։ Ան վրան առաւ Ծոցը կարգադրելու բոլոր մանրամասնութիւնները։ Պիտի պատրաստէր Սողոմը, որուն վրայ ոչ մէկ խօսք, տակաւին, երեքին ալ բերնէն։ Կարծես տղան շատ կանուխէն, տարի առաջ առնուած ըլլար պատահելիքին մէջ։ Հաճի Աննան հազիւ զսպեց խոստովանութիւն մը։ Բայց երկար վէճ տեղի ունեցաւ սենեակին ընտրութեան համար։ Հաճի Աննան Նալպանտենց անկողինին անարժան կը գտնէր Սողոմենց Սողոմը, որուն գերդաստանը դեռ անուն չունէր։ Կը վախնա՞ր նախնիքներէն, հաճի Արթինին մտրակէն։ Աղուորը յամառեցաւ «ոտքը չերթալ» ու, մա՛նաւանդ՝ չմտնել խուցը, ուր շունի մը խշտիին պէս բան մը կը ծառայէր պառկելու։ Ե՞րբ տեսած էր։ Վիճաբանութիւնը հոգեկան յատակի նորութիւններ կը պարզէր ու երեւան կը բերէր կանխամտածուած բաներ։ Ստիպուեցաւ կարճ կապել։ Տեղի տուաւ հաճի Աննան։ Բայց արգիլեց գործածել իր տղուն անկողինը։ Մայր ու աղջիկ չէին հասկնար այս նրբութիւնները։ Խնամի Բաբէթը գրեթէ չխառնուեցաւ այս խօսակցութեան։ Սգաւոր ու լալկան՝ անիկա շարունակ քիթը կը չորցնէր պողին [453] պոչովը։ Անոր աճապարանքը մեկնելու՝ նեղեց քիչ մը Նալպանտենց տիկինը, որ ճամբու դրաւ խնամին հազիւ զսպուած, անճառ գոհունակութեամբ մը։ Յետոյ ելաւ սենեակը, ուր գտաւ Աղուորը բազմոցին անկիւնը, պատուհանէն դուրս, տարուած ու մռայլ։ «Բերանը վրայ չգնաց», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովուրդը նման վիճակներու ատեն, հակառակ աշխարհք մը ըսելիք ունենալուն։ Օրը բաղնիքի էր։ Ամէն Երեքշաբթի, կէսօրէ վերջ, անոնք անփոփոխ սովորութեամբ մը կ՚ընէին այդ պարտքը։ Բաղնիքին վրայ հաճի Աննային հաւատքը անսասան էր։ Ընտրած էր ուշ պահը, բաղնիքը մինակ ունենալու եւ իր հարսին այդ պատկերը մութով տուն տանելու հոգերէն։ Հաճի Աննան ոչ մէկ հրահանգ տուաւ սակայն։ Նեղուելով, հրուելով ներս ու դուրս, վար իջաւ ու կը դողար սանդուխը անոր ծանր ոտքերուն տակ, ինչպէս կը դողար Աղուորին սիրտը՝ ա՛լ կապերէն արձակուած մեղքին հարուածէն։

 

Այս պատկերները, խառնիխուռն սահեցան անոր առջեւէն, մինչ իր նայուածքը չէր բաժնուեր կատուներէն, տանիքէն ու անոր տակ սեղմուած անձկագին բանէն, որ երիտասարդի մը մարմինն է աղջիկներուն դէմ։ Աշխատեցաւ շինել յստակ անոր ալ դէմքը, որ խուսափուկ էր ու անշրջագիծ, բոլոր արգիլուած բաներուն նման։ Տեսա՞ծ։ Ունէր անշուշտ։ Միտքը բռնադատեց։ Սա վայրկեանին տեսածը տղայ մըն էր ` պատանութեան հովը վրան, բայց հասակն ու կուրծքը առատ։ Բայց ուժով ու քաղցր։ Ինչո՞ւ չէր կրնար զայն ենթարկել իրական դիմակի մը։ Յետոյ, եկան իր լսածները, տարտամ ու հեռուէն եկողներու պէս, քիչ ու յոգնած։ Ամէն կին ունի այս պատկերին ծուէնները։ Մեր զգայարանքներուն կառչած ամէն շիւղ, զգայութեան ամէն ծիլ, առանց մեր ուզելուն կը թաթխուի սեռային հոսանուտին մէջ՝ մեր կեանքին գրեթէ բովանդակ տեւողութեանը մէջ։ Յաճախ կ՚անգիտանանք այդ խորհրդաւոր երեւոյթը։ Մարդերու մեծ մասին խնայուած է վերարտադրումի տանջանքը։ Սիրահարը մէկն է, որ հին բան մը կը գտնէ։ Ու ամէն կին իր շփուած պատկերէն իր անհաս խորքերուն մէջ կը պահէ այն ստուերագիծը, որ կարգ մը ընկուզենիի կոճեր բանտարկած կը պահեն շրջապատէն։ Ու եկան Աղուորին դեռ ուրիշ, նուազ ծփուն բաներ։ Համբաւը անոր ձայնին, որ կը խօսուէր պզտիկուց եւ յուզած էր ժամուն բեմէն ու դասէն հասուկ կիները, եւ խթումներուն՝ հարսնցուները։ Պարզ էր իրեն համար անոր նշանածը, որուն հետ յաճախ խօսած էր, չարաճճի ու հեգնող եւ որուն վրայ Սողոմին մայրը անսպառ ըսելիք կը գտնէր, երբ կու գար Նալպանտենց տունը` օգնելու մեծ գործերու օրերուն, լուացքի, տաղաւարի, շերամի։ Բարակ ու տխուր եղաւ անոր աչքը փոքր պատկերին ետեւէն, որ նշանուած աղջիկն էր, մանկահասակ, չգոյ, թարմ, տարուընակ [454] տունկի մը պէս բարակ ոսկորներով։ Կը խորհէ՞ր անոր հասցուցած չարիքին։ Կոտրեցաւ իր մէջ կիրքը։ Բայց ատիկա պահ մը տեւեց։ Սրբեց միտքէն այդ ստուերը։ Տեղը կու գային բեկորները զգայութեանց, որոնք ինկեր էին իր մէջ գողունի պահերէ։ Պատահական ու փախստեայ անոր նայուածքէն տեսակ մը կարօտ, տեսակ մը ըղձաւորում կը յառնէր ու կ՚ընէր զինքը երազուն, մելամաղձոտ ու գողտրօրէն լարուած։ Ատիկա էր անոր անցեալը։ Մէկէն հասկնալ կարծեց տարբերութիւնը, որ կար Սողոմին ու անոր նախորդներուն մէջտեղը։ Երկրորդ տարիին նորոգումը պարզ եղաւ իրեն։ Բայց ի՛նչ միամիտ էր ինքը։ Անոր դարձան հին օրերը, երբ կեանքը կու գար դնելու իր անջրպետը, կիրի խաւը զգայութեանց այս ծալքերուն ծոցը։ Միտքը նորէն նեղեց ` պահանջելով անկէ յստակ վճիռ մը։ Ու տեսաւ, որ երբեք չէր երազած անոր անկողինը։ Այս ստուգութիւնը փոխանակ զինքը ուրախացնելու, դալկացուց հոգեպէս։ Ինչո՞ւ կը ցաւէր։ Մշուշ, հեռու, խառնակ ալիքը իր գիշերներուն ու ցերեկներուն։ Յետոյ՝ ինչպէս ամպերուն ծոցէն լուսնակի դէմք մը, ի՛նքը, այդ ամբոխումին խորէն, ատանկ բխում ու թրթռում ու արգանդ։ Շինուեցաւ քաղցր ծիածանի մը նման աղեղը անոր բազուկներուն։ Երազը այնքան հզօր էր, որ սարսռաց։ Ու աչքերը բացուեցան բռնի, բայց չդիմացան` կրկին փակուելու համար։ Այն ատեն՝ անիկա առաջին անգամ ըլլալով մեղք գործեց միտքէն, բացատրութիւն մը, զոր լսած եւ ըսած էր խոստովանանքի ատեն, առանց թափանցած ըլլալու իմաստին։

 

Կոչնակին երկու ժամ մնացած, խուլ կամ աղմուկով խառն տեսարաններէ յետոյ, որոնց մէջ անիկա իր միջոցներուն բազմութիւնը գտաւ ու սիրեց, գտաւ ու սիրեց մա՛նաւանդ երկուութիւնը իր մարմինին, անիկա գնաց բաղնիք, մռութը կախ, առանց պայմանաւոր ուտելիքներու, առանց հաճի Աննային կեսուրէն մնացած համբաւաւոր ղենջակին։ Գլուխը կախ էր, երբ դուրս ելաւ տունէն։ Բայց կար անհուն թեթեւութիւն իր հոգիին վրայ։ Ու կը վախնար անոր հաշւոյն։ Ու կը դողար շինծու իր դժգոհութեանը վրայ, որ կարծես կը թափթփէր անդամներէն։ Չհանդիպեցան թոռներուն, որոնք աւելորդ գտաւ հաճի Աննան ու «արգելք»։ Աղուորը շատ ալ աղէկ չհասկցաւ կեսրոջը այս զանցառումին իմաստը, բայց չհարցուց։ Չունէին իրենց հետ մեծկակ ծրարը ծաղկանկար պողչան , որ տուներուն պերճանքը կը փոխադրէ բաղնիք եւ նշան կը մնայ անոնց առատութեան, երբ կը յորդի հարսներուն անութէն։ Գողունի ու լռին եղաւ անոնց ճամբան, ու արագ՝ հեւքի բերելու չափ հաճի Աննան։ Որմէ՞ կը փախչէին։ Ծանօթներու հարցումները անպատասխան թողուց անոր կեսուրը ` չլսելու զարնելով։ Անոնց ինչո՞ւն էր պէտք տղուն եկած ըլլալը կամ ոչ։ Աղուորը տրտմութեամբ կը հետեւէր այս հարցասիրութեան, բաղնիքի ճամբուն, ուր սովորութիւն է կիներուն բաղնիքը կապել իրենց էրիկներուն։ Ու երկու հոգիով եղաւ անոնց լուացումը, գրեթէ առանձին, վասնզի արդէն մութ կամարին տակ ձէթի կանթեղը վառեց բաղնեպանուհին։ Անոնք քաշուեցան ամէնէն անտանելի սենեակը, ուր օրուան հաստըցած տաքը եւ աւելի թանձր հոտեր շունչը կը բռնէին լոգցողներուն։ Բայց տագնապոտ էին անոնք ու դողուն։ Անոր կեսուրը կը վախնար հարսին մերկութենէն, որ հազիւ արատաւոր ու կարմրաւուն մութին վրայ կը սահէր, անհասկնալի ու իրաւ, շուքով ու ճերմակով թրթռուն, բայց թրթռուն մա՛նաւանդ հսկայ գաղտնիքէն, որ կը տաղաւարէր հոսուն այդ ձեւը։ Ան կը վախնար ու կարդալ կը կարծէր գաղտնիքը, որ այդ միսերէն դուրս կը թափթփէր, լպրծուն, մեղաւոր ու անհերքելի։ Ան անփոփոխ կատարեց բոլոր աւուր պատշաճի օծումները իր հարսին վրայ։ Նստեցուց զայն դասական գուռին մէջ, ո՞վ կը յիշէ, քանիերորդ անգամն ըլլալով, ու մաքրեց անոր աղուամազերը զգուշաւոր եւ հեռատես հաշիւներով։ Գրեթէ մութը բռնած էր բոլորովին, երբ անոնք դարձան տուն։ Աղուորը ներքին շատ խորունկ թրթռումով մը ոտքը նետեց իրենց սեմէն։ Դուռը բաց էր։ Սողոմը ներսն էր ուրեմն։ Դրացիները չկրցան իսկ նշմարել պզտիկ կապոցը, անութին տակ, հազիւ ուրուացող։

 

Իրեն այնպէս եկաւ, որ բակին մութը ողջ, հերկուած [455] բան մը ունէր այս գիշեր։ Շատ հեռուէն, Սողոմին խուցին ուղղութեամբը, բաց դուռնէ մը կ՚ուրուանար ճրագի մը բոցը, որ կարմրած գամի մը պէս կը սրուէր դէպի վեր։ Վազեց վեր ` կապոցը առանց քակելու։ Վառեց իր սենեակին մեծ լամբը ու ինկաւ հայլիին վրայ իր երեսը, բանուած ու քաղցր կրակ, ձիւնի մը յատակին։ Ինչո՞ւ նայեցաւ այս պատկերին։ Գալարեցան իր զիստերը ու ձեռքը ամրացուց սիրտին։ Ակռաները կը բախէին իրարու։ Վախցաւ եւ իջաւ վար։ Չտեսաւ տղան, որուն ձայնը կար ` ընդհատ ու անիմաստ։ Օճախով սենեակին դէմ կեցաւ անիկա ` զարմանալով, որ քիչ բան, չըսելու համար՝ ոչինչ էր փոխուած իրերուն տեղէն ու կարգէն։ Օդը զով ու քաղցր, պատուհանէն կը բերէր դռնառաջքի հոտերը տապկոցներուն ու ձուկերուն։ Սպասեց կեսուրին, որ, թիթեղէ պզտիկ լապտերը վառած՝ մտաւ ներս սենեակէն։

 

Դրին սեղանը։ Սողոմը երեւցաւ։ Եկած էր հարցնելու խուցին բանալին։ Հաճի Աննան, շուարուն, ցատկեց տեղէն արագութեամբ։ Առաւ բանալին առէքէն ու վարանոտ, աւելցուց.

 

-- Նե՛րս էկօ։

 

Անոր ձայնին անայլայլ միութիւնը սարսուռ բերաւ Աղուորին։ Հարսը տեղէն չերերաց։ Անոր ոտքերը բռնուած էին վախէն։

 

-- Ուշ ենք աս գիշեր, մեզի հետ կեր։

 

Տղան ելաւ դռնառաջքի սանդուխէն։ Քաղցր էին քայլերը։ Սենեակը, կարծես մտերմօրէն ու բարի՝ ընդունեց անոր անձը ու այդ իսկ ներկայութեամբ եղաւ անիկա ուրիշ, հանդիսաւոր ու մռայլ։ Ինչպէ՜ս դիւրին կը փոխուի ամէն բան միակ շունչի մը յաւելումով։ Սկսաւ ճաշը, տարօրինակ հանդարտութեամբ, որ երկու կիները կը տպաւորէր աւելի քան իր տարողութիւնը։ Ոչ ոք կը նայէր ուրիշի։ Ու չկար մէկը տեսնելու համար ինչպէ՛ս կը դողդղար դգալը երիտասարդին մատներուն մէջ, որոնք երկաթը անգամ կարող էին սանձելու։ Ու կը դողդղար նորէն դգալը Աղուորին ալ մատներուն, բարակ ու այնքան հզօր, երբ սիրտի մը լարը պլլուի անոնց իրանին։ Կը դողդղար տակաւին տղուն մէջ շատ ուրիշ, նոր բան մը, բայց այնքան ցած ու կամաց, այնքան ճնշուած, նշմարուելու վախէն։ Հաճի Աննան փարատեց այս պրկումը՝ նետելով խօսքի գօտիներ։ Տղան բացաւ իր շրթները։ Պատասխանեց մեղմ, հաճի Աննային հարցումներուն։ Ու անոր բառերը խելօք ու թարմ էին, ինչպէս նոր սիրուած ամէն առարկայ։ Երկու երիտասարդները իրարու հազիւ ակնարկ ունեցան, բայց իրենց ներսէն արեւելուած էին իրարու։ Պատմեց անիկա օրուան աշխատանքը, ձիթենիներուն վիճակը, այգիներուն գունաւորուիլը, պարզ ու ընտանի, իր այնքան գովուած կոկորդին համը հագցնելով իր բառերուն։ Դանդաղութիւնը, վարանքը անհետացան անոր լեզուէն։ Երկու տարուան ընթացքին անոր մէջ մթերուած ընտանութիւնը հոսիլ կ՚առնէր զուսպ յորդումով։ Ու տակաւին անիկա ոչինչ գիտէր կիներուն հոգիէն։ Կերա՞ծ էին դանդաղ։ Սեղանը երկարա՞ծ էր ինքնիրեն։ Անոնք չէին տեսած ժամանակին հոսումը։ Ախոռէն կենդանին արձակեց իր աղաղակը։ Կերը կ՚ուզէր։

 

-- Աստուած պէրէքէթ տայ, - ըսաւ անիկա, ծունկերուն փշրանքը թօթուելով վալայ ին [456], ու ելլելով ոտքի։ Անգամ մըն ալ նայեցաւ Աղուորին, գողտր ու խելօք, գրեթէ երախտապարտ իր նայուածքը, որ լռին ձայնի մը կը նմանէր։ Անոր ետեւէն դուրս ելաւ հաճի Աննան ու անոնց քայլերը հալեցան մութին ծոցը։

 

Աղուորը ա՛լ չտեսաւ անոր երեսը։

 

Երբ փողոցին վրայ դուռները փակուեցան, Աղուորը իր անկողինն էր արդէն։ Ճաշէն յետոյ անիկա կեսրոջը հետ խօսած էր ցածուկ, քանի մը նախադասութիւն ամբողջը։ Բայց այս բառերուն ճնշումը այնքան հզօր եղաւ վրան, որ պարտադիր ատենէն առաջ, ան ստիպուեցաւ իր սենեակը քաշուելու։ Հանեց գլխուն թռչնանկար լաչակը, բաղնիքի յատուկ ու եղկ իր մազերը ինկան հոտաւէտ ու առատ։ Այս խուժումը թուլցուց իր միսերը, որոնցմէ դեռ օճառի եւ օծումի թեթեւ բուրում մը կը յամառէր պտտիլ իր շուրջը։ Եղաւ անոր ընկողմանումը խռով, բայց տարօրէն հեշտ։ Չէր ուզեր մտածել ու կը ձեռնէր ծիծերը, որոնք կ՚ամրանային։ Ան լսեց բակէն մեծ գերանին քակուիլը իր տունէն ու զետեղուիլը իր միւս տունին մէջ։ Գեղի երկաթ փականքները դեռ ապահով չեն նկատուիր, վասնզի վտանգի պահուն եղած են տեղի տուողներ։ Գերանը ապահովութիւնն է։ Անմիջապէս յետոյ ճրճռաց խուցին դուռը։ Ի՞նչ ունէր Սողոմը հոն մտնելու, մտածեց անիկա ու պաղեցաւ։ Բայց դուռը կրկին ճրճռաց, այս անգամ աւելի խելօք։ Աղուորին սիրտը այնքան ուժով էր դողը, որ ջերմահարի պէս ակռաները իրարու կու գային սառ աղմուկով մը։ Խուժումի այս զգայութիւնը գրաւեց զինքը բոլորովին ու չտուաւ անոր ժամանակ, հետեւելու վայրկեաններուն։ Բայց անոր սիրտը կեցաւ մէկէն, երբ իր սենեակին դուռը, մութին մէջ, բացուեցաւ ու գոցուեցաւ։ Գլխուն էր քաշած վերմակը։

 

Բայց առաւ տղան իր ծոցը առանց բերնէն բառ մը հանելու, ակռաներովը խածած շրթները։ Ան սառած էր յուզումէն ու գրեթէ զգայազիրկ։

 

ՎԵՐՋ Ա. ԳԻՐՔԻՆ

 

 



[1]            ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[2]            Մեծ, սրբագրուած՝ մեծ

[3]            Ծնթ. -  մամուկել - լաչակով դէմքը այնպէս մը ծածկել, որ քիթ ու բերան ու աչքերը միայն ազատ մնան, բայց այտերն ու մազերը սքողուին:

[4]            ջնջ. ստորակէտ

[5]            sic ձեռագիրը՝ նշան

[6]            յաւելում պակսող բառի՝ աւրած   -    

[7]            յաւելում պակսող բառի՝ ու

[8]            Ծնթ. - բարտել - բարտիի պէս աջ ու ձախ շարժշտկ[ե]լ:

[9]            Ծնթ. - փոթորկի դէմ կորկոտ հովել - վտանգաւոր, բայց անպտուղ ձեռնարկ:

[10]          Ծնթ. - եղեամը մանած տեսնել - կարճ տեսնել ու խաբուիլ:

[11]          sic ձեռագիրը՝ տուներուն [տուներէն ?]

[12]          Ծնթ. - լուացուած - տուներուն միջնայարկէն դուրս ինկած փոքր մաս մը, ուր կը լուացուին ամանները:

[13]          լուացքը, սրբագրուած՝ լուացուքը   -    

[14]          չեն տեսներ, չեն կրնար ?

[15]          Ծնթ. - մէջեր՝ միջին տարիքի անձեր

[16]          ջնջ. ստորակէտ

[17]          sic ձեռագիրը՝ սա պահուն նման ըլլալուն [ըլլալնուն ?]

[18]          ճամբաները ?  ճամբաներ ?   

[19]          կսկծուն, սրբագրուած՝ կծկուն   -    

[20]          ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[21]          կալուածներուն ?  կալուածներու ?    

[22]          սէրն, սրբագրուած՝ սեռն

[23]          ոմանց, սրբագրուած՝ անոնց  -    

[24]          sic ձեռագիր՝ արօր մեկնած [արօտ մեկնող ?]

[25]          sic ձեռագիրը՝ սուզուեցան  ?

[26]          կը բռնէր, սրբագրուած՝ կը բանէր

[27]          sic ձեռագիրը՝ պառաւները [պառաւներուն ?]

[28]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[29]          անցուց, սրբագրուած՝ սեւցուց

[30]          յաւելում պակսող բառի՝ թոյն   -   

[31]          հետ, սրբագրուած՝ հոդ

[32]          յաւելում ստորակէտի

[33]          պոզին, սրբագրուած՝ պողին

              Ծնթ. - պող - տան մանածէ հիւսուած հաստկեկ գոգնոց, որ մինչեւ մէջքը կը հասնի ոտքերէն, եւ կը խորհրդանշէ պառաւներուն դասակարգը: Կեսուրը միայն իրաւունք ունի գործածելու:

[34]          պոզը, սրբագրուած՝ պողը

[35]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[36]          հերքուած, սրբագրուած՝ հերկուած      

[37]          ագարակի, սրբագրուած՝ ագարիկոնի    

[38]          հաց-եփ, սրբագրուած՝ հացեփ

[39]          Ծնթ. - փարթը բերնին - ծնելու մօտ:

[40]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[41]          ջնջ. ստորակէտի -- ջնջ. ու բառի   -    

[42]          հաստատուն, սրբագրուած՝ հատկտուն   -    

[43]          յաւելում պակսող եւ բառի  -    

[44]          ողբացեալ, սրբագրուած՝ սրբացնող

[45]          յաւելում ստորակէտի

[46]          Ծնթ. - գուշիկ՝ փոսիկ - [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[47]          յաւելում ստորակէտի

[48]          յաւելում միացման գծիկի

[49]          Ծնթ. - ձեռքը ծունկին հասնիլ - բարեկեցիկ ըլլալ:

[50]          եղելութիւն, սրբագրուած՝ եղելութիւնն   -    

[51]          յադարանքին, սրբագրուած՝ յարդարանքին

[52]          յաւելում պակսող բառի՝ գուցէ -   

[53]          տեսարանները, սրբագրուած՝ տեսարանումը

[54]          ճիտովը, սրբագրուած՝ ճետովը

[55]          խոյանալու, սրբագրուած՝ խորանալու   -    

[56]          sic ձեռագիրը՝ չհասնելու - ?

[57]          հարցերու, սրբագրուած՝ հարցերէ

[58]          կը պատռի, սրբագրուած՝ կը պատռէ

[59]          հակերով, սրբագրուած՝ հակերովը   -    

[60]          Ծնթ. - քիրիզմէ հողը մարդահասակ փորել, տակի խաւեր[ով], կոյս, փոխարինելու համար երեսի մաշած խաւեր[ը]։

[61]          Ծնթ. - ֆեթվա - դատավճիռ զոր միւֆթին կու տայ շէրիաթի օրէնքներուն համեմատ, հողային եւ ուրիշ հարցերու շուրջ:

[62]          սրբագրեց, սրբագրուած՝ սրբագործեց   -    

[63]          դրուած, սրբագրուած՝  գրուած

[64]          զինք, սրբագրուած՝ զայն   -    

[65]          յաւելում անցումի նոր պարբերութեան

[66]          ըլլալու, սրբագրուած՝ լալու

[67]          sic ձեռագիրը՝ բարիքներուն

[68]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[69]          յաւելում ստորակէտի - ?

[70]          Ծնթ. - Անարծաթ [Սուրբերու]

[71]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[72]          հարսնիքը ? հարկինքը ?

[73]          Անոնց ը, սրբագրուած՝ Անոնք ը

[74]          անոր, սրբագրուած՝ անոնց ?

[75]          sic ձեռագիրը`աղտաւոր [ ախտաւոր ? ]

[76]          տարու, սրբագրուած՝ դարու

[77]          պարբերացումը, սրբագրուած՝ տարբերացումը

[78]          դողդող ? դողդոջ ?

[79]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[80]          sic ձեռագիրը՝ պատադրել

[81]          եղանակի, սրբագրուած՝ եղանակին

[82]          փռինչը, սրբագրուած՝ ճռինչը

[83]          Անոր, սրբագրուած՝ Անորն

[84]          ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[85]          sic ձեռագիրը՝ հերոս  ?

[86]          sic ձեռագիրը՝ լեզո՞ւ ելաւ - ?

[87]          Ծնթ. - տուզ - տասներկու աչքնոց տամայի տախտակ

[88]          տղան, սրբագրուած՝ աղան - ?  

[89]          կ՛ակնածէին, սրբագրուած՝ կ՛ակնածէինք

[90]          խարամները, սրբագրուած՝ սքորները (Ծնթ. -  Տրամադրուած ձեռագիրին մէջ, Օշական հայերէն բառը փոխարինած է սքոր ով -- ֆրանսերէն համապատասխանը՝ scorie):

              [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել խարամները բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[91]          խբուելով, սրբագրուած՝ խբուելովը

[92]          sic ձեռագիրը՝ հեղիւսուած [հեղուսուած]

[93]          գմբէթներ, սրբագրուած՝  գմբէթիկներ

[94]          թազը, սրբագրուած՝ թաղը  Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն:

[95]          մօտեցուիր, սրբագրուած՝ մօտեցուեր

[96]          հրաշալի, սրբագրուած՝ հրաշալին

[97]          sic ձեռագիրը՝  բշկտուած ?  [բշտկուած ? բզկտուած ?]

[98]          sic ձեռագիրը՝ զանգատունները

[99]          գուբը, սրբագրուած՝ գանձը

[100]        ջնջ. փակագծող գծիկ

[101]        յաւելում հոս՝ բ. հրատ. պակսող տողի մը բառերուն՝ հաստատուած թերեւս վաւերական աւանդութեան համաձայն՝ նոյն   -   

[102]        sic ձեռագիր՝ չկար  - ?

[103]        Ծնթ. - մոլլա - իսլամ կրօնաւոր

[104]        ընդուիր, սրբագրուած՝  ընդունիր

[105]        կը ստորագրէ, սրբագրուած՝ կը ստորադրէ

[106]        նուաղումին, սրբագրուած՝ նուազումին

[107]        sic ձեռագիրը՝ պատուարը ?

[108]        Մերիննե՞րը, սրբագրուած՝ Մերիննե՜րը

[109]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[110]        յաւելում պակսող բառերու՝ ան ալ    -   

[111]        օտար - ?

[112]        Ծնթ. - թինկոզ - գեղեցիկ:

[113]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[114]        sic ձեռագիր՝ վարնալիք - ?

[115]        Ծնթ. - փարթ - որովայնի պարունակութիւնը, գլխաւորաբար աղիքները:

[116]        Ծնթ. - խշում - յանկարծահաս աղէտ, մահով վերջացող: Նաեւ ցասում՝ շանթահարող տեսակէն:

[117]        կը քաշուէին, սրբագրուած՝ կը քաշուէինք

[118]        «երուալու», սրբագրուած՝ «երւալու»

[119]        միտքը, սրբագրուած՝ միտքս

[120]        sic ձեռագիրը՝ իրենց [իրեն ?]  -- ջնջ. ստորակէտ

[121]        sic ձեռագիր՝ կաղնեփայտ  [կաղնեփայտը ?]

[122]        sic ձեռագիր՝ Հայրն ու մայրը մեռած [? Մէկը՝ հայրն ու մայրը մեռած   ?]

[123]        յանցանքները, սրբագրուած՝ յանցանքներ

[124]        օրինագրուած, սրբագրուած՝ օրինադրուած

[125]        յաւելում պակսող բառերու՝ սնտուկ խուզարկողներ

[126]        sic ձեռագիր՝ կեցած -- [բարեկեցիկ ?]

[127]        առքաշ, սրբագրուած՝ ոռքաշ

[128]        sic ձեռագիր՝ երկարած ատեննին

[129]        sic ձեռագիրը՝ անկրակ տուներէ Նալպանտենց հարուստ սենեակին - ?

[130]        sic ձեռագիրը՝ աչքէն խունկ կը հոտէր - ?

[131]        բուռ, սրբագրուած՝ փուր   

[132]        երկայն հասակ, սրբագրուած՝ երկայն-հասակ

[133]        տղաներէն, սրբագրուած՝ աղաներէն

[134]        Ծնթ. - կատոզ - տակառ

[135]        կազմուած, սրբագրուած՝ ձողուած

[136]        ան, սրբագրուած՝  հոն

[137]        բութ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[138]        յաւելում բառի՝ որոնք (ձեռագիրէն պակսող)

[139]        փառքին, սրբագրուած՝ վառքին    

[140]        հոգեվարքը, սրբագրուած՝ հոգեւարքը

[141]        Ծնթ. - ախեխ՝ ակաթ

[142]        պատմութիւնը, սրբագրուած՝ պատմութիւն (sic  ձեռագիր)

[143]        սեփական, սրբագրուած՝ սեպհական (sic ձեռագիր)

[144]        զգայութիւնը, սրբագրուած՝ զգայնութիւնը

[145]        sic ձեռագիրը՝ կը ճամբորդէ - ?

[146]        sic ձեռագիրը՝ ձիթահան

[147]        սեփական, սրբագրուած՝ սեպհական (sic ձեռագիր)

[148]        ձեռագիրը՝ կը նոյնան

[149]        sic ձեռագիր՝ Որ

[150]        տանդիրի, սրբագրուած՝ դանդիռի

[151]        Ծնթ. - պահակ - երկու լեռներու միացման կէտին պետական շինուածք, ամրոց, ուր  զինեալ ուժեր կը պահեն հաղորդակցութիւնը:

[152]        յաւելում միացման գծիկի

[153]        յաւելում միացման գծիկի

[154]        Զմիւռնիա, սրբագրուած՝ Իզնիմիտ  

[155]        Ծնթ. - միւֆթի - ֆէթվա գրող բարձրաստիճան կրօնաւոր:

[156]        ազատուածներ, սրբագրուած՝ ազատուածները

[157]        Ծնթ. - թեղ - ցորենի դէզ, զտուածը:

[158]        շեջած, սրբագրուած՝ շեղջած

[159]        մոմը, սրբագրուած՝  մոմէ

[160]        Ծնթ. - մաստ-ասեղ - վերմակ կարելու հաստ ասեղ:

[161]        բռնեն, սրբագրուած՝  բռնենք

[162]        ընդունուած, սրբագրուած՝  ընդոտնուած  

[163]        Ջարդը, սրբագրուած՝  Զարդը

[164]        շուներու, սրբագրուած՝ շուներուն (sic ձեռագիր)

[165]        ստրուկներու, սրբագրուած՝ սնտուկներու

[166]        Ծնթ. կեավուր - անհաւատ:

[167]        Պոլիսն, սրբագրուած՝  Պոլիս

[168]        sic ձեռագիր՝ մուտիկները

[169]        sic ձեռագիր՝ բարտիի - ?

[170]        sic ձեռագիր՝ աչին [աջին ? աչքին ?]

[171]        sic ձեռագիրը՝ ընդ առաջ [ընդառաջ ?]

[172]        Ծնթ. - հապիկա - հէյպէ. պայուսակ, երկու աչքով, որ թամբին վրայէն կը ձգուի երիվարին երկու կողերը:

[173]        sic ձեռագիր՝ ամբարձիգ [այլապէս՝ ամբարձիկ, ամբարձաձիգ կամ ամբարձձիգ]

[174]        sic ձեռագիր՝ հրապարակաւ  - ?

[175]        յաւելում ստորակէտի ?

[176]        մարդկային, սրբագրուած՝ մարդկայինին

[177]        յաւելում բառի՝ ներս 

[178]        sic ձեռագիր՝ բայց մայրաքաղաքէն   - ?

[179]        այլեւ, սրբագրուած՝ այլ    

[180]        տար ժամէ ?  տարաժամէ ?

[181]        շատ շատ, սրբագրուած՝ զատ-զատ

[182]        մարզերու, սրբագրուած՝  մարդերու

[183]        յաւելում վերջակէտի

[184]        հետահայեաց ?   յետահայեաց ?

[185]        լուցած, սրբագրուած՝ լուցուած   

[186]        նշանը, սրբագրուած՝  նշան (sic ձեռագիրը)

[187]        հոգեվարքին, սրբագրուած՝  հոգեւարքին

[188]        sic ձեռագիրը՝ քուրտ

[189]        հանդիսատեսներ, սրբագրուած՝ հանդիսատեսները

[190]        բեռնալու, սրբագրուած՝ բառնալու

[191]        Ծնթ. աքողք - այ[գ]հո՞ղք. այն ճաշն է զոր կ՛ընեն գերեզմանը, մեռելի շաբթուն, անոր հոգուն հանգիստին համար:

[192]        հոգեվարքի, սրբագրուած՝ հոգեւարքի

[193]        հետախաղ, սրբագրուած՝ հետախաղաղ

[194]        Ծնթ. - խանթար - թրքական չափ՝ փայտ կշռելու:

[195]        Ծնթ. - գանկին կռել - հայհոյութիւն, որուն ստուգաբանութիւնը դժուար է հիմա: Կը գործածուի քակորել իմաստով:

[196]        դիւր - Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն:

[197]        խնճոյքներն, սրբագրուած՝ խնջոյքներն

[198]        չմարսած, սրբագրուած՝ չքաքած  -   

[199]        Ծնթ. - հորթլամիշ ըլլալ - թուրքերէն: Մեռելին ուրուականի վերածուելով թափառիլը:

[200]        sic ձեռագիրը՝ թռցնելու ?

[201]        իզմիրեան, սրբագրուած՝ իզմիտեան

[202]        Ծնթ. - մատը մոխիրը չթաթխել - երբեք չաշխատիլ:

[203]        թ...., սրբագրուած՝ թուզերուն կամ թութերուն

[204]        կը դարձէր, սրբագրուած՝ կը դարձնէր

[205]        խնճոյքները, սրբագրուած՝ խնջոյքները

[206]        sic ձեռագիրը՝ Իրաւն ան էր, աճուրդը

[207]        հոգեվարքին, սրբագրուած՝  հոգեւարքին

[208]        sic ձեռագիր՝ կանգելու [ կանգնելու  ? ]

[209]        Ծնթ. - մէրա՝ արօտ

[210]        sic ձեռագիրը՝  ինկաւ [ ինկան ? ]

[211]        sic ձեռագիրը՝ անհասելի

[212]        sic ձեռագիրը՝ կոկոկոզած

[213]        աչքը, սրբագրուած՝ աչքէ  (sic ձեռագիրը)    

[214]        նուաղումին, սրբագրուած՝ նուազումին  ?

[215]        գեղձային, սրբագրուած՝ դեղձային

[216]        sic ձեռագիր՝ հօրէն

[217]        sic ձեռագիր՝ վրանի մտան -   ?

[218]        Ծնթ. - տոլկոկով՝ պարապ-կոկով, ապուշ, անկար (կոկով՝ ամորձիք):

              Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն:

[219]        sic ձեռագիր՝ սաքու կը նստի  ?

[220]        եկրորդուած, սրբագրուած՝ երկրորդուած

[221]        յաւելում ստորակէտի

[222]        ստորակէտ, սրբագրուած՝  վերջակէտ

[223]        Ծնթ. - զէն՝ վնաս

[224]        «ջնջնուած», սրբագրուած՝  «ջնջուած»

[225]        շեղող, սրբագրուած՝  չեղող

[226]        Ծնթ. -  չարք - գէշ ոգիներ

[227]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[228]        Ծնթ. -  խզկել - բան մը խիցի ձեւով ծակէ մը ներս թխմել:

[229]        ցաւէ՜ն, սրբագրուած՝ ցաւէ՞ն

[230]        ընթերցումէն, սրբագրուած՝ ընթերցումէ՞ն

[231]        մարդակայինին, սրբագրուած՝ մարդկայինին

[232]        են, սրբագրուած՝  ենք

[233]        կը դիտէր, սրբագրուած՝ կը տիրէր

[234]        պահերուն, սրբագրուած՝ պահերնուն  -   

[235]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[236]        զբօսանքները, սրբագրուած՝ զբաղանքները

[237]        պատսպարան, սրբագրուած՝ պատսպարած

[238]        Ծնթ. -  մաշարայական՝ հիւծախտային

[239]        ցնցելու, սրբագրուած՝  ցցելու

[240]        ներկուն. - Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն:

[241]        անքանցելի [ Ծնթ. - անքանցելի - անյաղթելի, անխուսափելի: Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[242]        հոգեվարքին, սրբագրուած՝ հոգեւարքին

[243]        տեսարանումէն, սրբագրուած՝ տեսարանումին

[244]        մը, սրբագրուած՝  կը

[245]        sic ձեռագիր՝ կը հեղուին [կը հեղուէին ?]

[246]        խլած, սրբագրուած՝ ելած  -   

[247]        արտի -   ?

[248]        փոշոտ, սրբագրուած՝ փուտ  -   

[249]        յաւելում պակսող փակագծեալ երկու բառի՝ (հողին եռքին)- -

              Ծնթ. - Հասկնալ՝ հողին եռքին հանդարտութիւնը

[250]        տեսարաններէն, սրբագրուած՝ տեսարանումէն  -   

[251]        ինքզինքին, սրբագրուած՝ ինքզինքը

[252]        Ծնթ. - կոխք - ոգիներէն կոխուիլը:

[253]        աղան, սրբագրուած՝ տղան

[254]        sic ձեռագիրը՝ ներստուարումով

[255]        լեռնամիջի, սրբագրուած՝ լեռնամէջի

[256]        կը նուաճէին, սրբագրուած՝ կը նուաճուէին

[257]        օճախը, սրբագրուած՝ օճանը   

[258]        վաստկցուցած, սրբագրուած՝ վաստկած

[259]        կը պակսի, սրբագրուած՝ կը պակսին

[260]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[261]        յաւելում ստորակէտի

[262]        փայլող, սրբագրուած՝ վայլող   

[263]        զիջանիր, սրբագրուած՝ զիջաներ

[264]        Ծնթ. - չորպաճի - քրիստոնեան այսպէս կը յորջորջուէր թուրք գիւղերու մէջ:

[265]        sic ձեռագիրը՝ մէջէ-մէջէ

[266]        ամէն ուր, որ, սրբագրուած՝ ամէնուր որ

[267]        հոտած, սրբագրուած՝  հոսած

[268]        sic ձեռագիրը՝ տէրտէրներուն ?  [տէրերուն ? ]

[269]        sic ձեռագիրը՝ քաղհնէր

[270]        sic ձեռագիրը՝ հաճի Սերոբէն [Սերոբէին ?]

[271]        գեղին, սրբագրուած՝  դեղին

[272]        Սառային, սրբագրուած՝ սարայ ին

[273]        Ծնթ. - Աւուրանց դատաստանին - մինչեւ օրը դատաստանին:

[274]        օրագիրը, սրբագրուած՝ ծրագիրը

[275]        Ծնթ. - մուշտայ - կօշկակարի գործիք, որով կը տափըկցնեն կաշին. ունի բթամատի մօտ ձեւ:

[276]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[277]        ջնջ. բառի՝ ու

[278]        յաւելում բառի՝ ու

[279]        յաւելում բառի՝ առանց  -  

[280]        վտանգէ, սրբագրուած՝ վտանգի

[281]        Ծնթ. - պուլամա թանձրացած ռուբ։

[282]        sic ձեռագիր՝ տղաձգաններուն [այլապէս՝ տղացկաններուն]

[283]        Ծնթ. - շար - շատ բարակ հիւսքով մետաքսեղէն, որ թաշկինակի տեղ կը գործածուի եւ փեսաներուն ճիտը կ՛օղակէ, խորհրդանշելով շատ բարակ, շատ գեղեցիկ բայց անքակտելի լուծը:

[284]        Ծնթ. - խսմէթ, գսմէթ բախտ։

[285]        Կրակի՜ն, սրբագրուած՝  Կիրակի՜ն  -   

[286]        Ծնթ. - տամէճան մեծփոր շիշ, խսիրէ փաթաթով, զանազան մեծութեամբ, օղիի եւ գինիի։

[287]        յաւելում բառի՝ հաշիւ  -  

[288]        Ծնթ. - uաչու այն նուէրը, միշտ հող կամ կալուած, զոր հարսին կեսայրը կամ կեսուրը կ՚ընէ հարսին, երբ ասիկա իր ոտքը կը դնէ առաջին անգամ էրկանը դուռը։ Կարեւոր` իր անձեռնմխելիութեամբը։ Գրեթէ միշտ հող ըլլալուն` ան ենթակայ է հողին ճակատագրին։ Այս է պատճառը, որ աւանդութիւնը զայն անկախ ընէ պետութեան շատ մը օրէնքներէն։ Գրաւելի չէ պարտքի փոխարէն։ Չ՚ազդուիր ընտանիքին բոլոր անկումներէն։ Կը դիմանայ ամէն բանի կորուստէն ետքն ալ։ Հարսները անոր արդիւնքը նախանձոտ զգուշութեամբ մը կը զատեն տունին հասարակաց բերքերէն եւ իրաւունքը ունին զայն գործածելու ուզածնուն պէս։

[289]        յաւելում բառի՝ ու

[290]        տունէն, սրբագրուած՝  անունէն

[291]        հարսենական (sic ձեռագիրը) սրբագրուած՝ հարսանեկան  ?

[292]        sic ձեռագիրը՝ զոր ? (որուն մէջ ?)

[293]        դրամինին (sic ձեռագիրը), սրբագրուած՝ դրամին

[294]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[295]        ջնջ. ստորակէտ

[296]        Ծնթ. - փիր - արհեստի մը ծագումին պահապան ու անոր աճումին հսկող ոգի:

[297]        sic ձեռագիրը՝ աղբօր կնիկը ?

[298]        վերջակէտը, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[299]        ստորակէտը, սրբագրուած՝  վերջակէտ

[300]        Ծնթ. - ճողիլ - թերեւս՝ չուել. մեռնիլ:

[301]        Ծնթ. - Սեռն՝ հարազատ

[302]        նկարին, սրբագրուած՝  նժարին

[303]        սամարացիի, սրբագրուած՝ Սամարացի

[304]        զարմանք, սրբագրուած՝ զարմանաք

[305]        ո՛վ, սրբագրուած՝ ո՞վ

[306]        ընդհատնելով, սրբագրուած՝  ընդհատներով

[307]        Ծնթ. - տորպա - շիտակ զրուցող - հաւանաբար սլաւ ծագումով. տոպրէ՝ լաւ, ուղիղ:

[308]        ոսկի ?  առջի ?

[309]        քոյրերուն ?  աղջիկներուն ?

[310]        Ծնթ. -  կորտան-կորտան՝ ուռած՝ գորտի աչքերու պէս

[311]        sic ձեռագիրը՝ լսեր (սրբագրուած՝ լուսեր ?)

[312]        sic ձեռագիրը՝ բազմութեամբ (սրբագրուած՝ բազմութեան)

[313]        բայց, սրբագրուած՝   խայտ ?

[314]        յաւելում միացման գծիկի: Ծնթ. - Մէջ-կնկուկ՝ միջին տարիքի կին

[315]        sic ձեռագիրը՝ եղունգը ?

[316]        փնտռէք, սրբագրուած՝  փնտռենք

[317]        վերջակէտ, սրբագրուած՝  ստորակէտ

[318]        խլոտ, սրբագրուած՝ խլլոտ

[319]        կռնակներուն, սրբագրուած՝  կռնակներնուն

[320]        սո՛ւտ, սրբագրուած՝ սո՞ւտ

[321]        շաւքը, սրբագրուած »շավգը» (sic ձեռագիր՝ «շավգը»)

[322]        ջնջ. ստորակէտ

[323]        sic ձեռագիրը՝ մարդերը

[324]        Վարժուած, սրբագրուած՝  Վարձուած

[325]        սրտմտութեամբ, սրբագրուած՝  սրամտութեամբ

[326]        ծաղիկներ, սրբագրուած՝ ծաղիկները  -   

[327]        Ծնթ. - տաշտի քերուկ - վերջին զաւակը: Կը փոխաբերուի խմորի տաշտէն, խմոր[ում]էն յետոյ քերուկով մէջտեղ բերուած խմորէն, փոքր, քիչ, բայց բաւական՝ յաջորդ տաշտ մը ալիւրը խմորելու:

[328]        հինգ, սրբագրուած՝ վեց

[329]        վեցերորդին, սրբագրուած՝ եօթներորդին  -   

[330]        Բաթիկը, սրբագրուած՝ Բաթեկը (sic ձեռագիրը)

[331]        քան, սրբագրուած՝  քուն

[332]        sic ձեռագիրը՝ մանրուք [մանրուկ ?]

[333]        sic ձեռագիր՝ շեղբն 

[334]        փորքշուկ, սրբագրուած՝ փորքշուք  

[335]        Ծնթ. - երես-փուչք երեսին վրայ պառկելով քալելը փոքրերուն։

[336]        գնէ, սրբագրուած՝ դնէ

[337]        Այրին, սրբագրուած՝ Այրի՛ն

[338]        sic ձեռագիր՝ էմիմի օղլուի ն

[339]        յաւելում միացման գծիկի

[340]        թագաւորին, սրբագրուած՝ թագաւորովին    

[341]        sic ձեռագիր՝ Սերոբին թնճուկը

[342]        ջնջ. ստորակէտ

[343]        sic ձեռագիրը՝ եզամ (խզում ? )

[344]        վայելէր, սրբագրուած՝ վայլէր

[345]        նորոգութի՛ւն, սրբագրուած՝ նորութի՛ւն    

[346]        ճիւղադրութիւնը, սրբագրուած՝  ճիւղագրութիւնը

[347]        Բաթիկներ, սրբագրուած՝ Բաթեկներ

[348]        թափուիլը, սրբագրուած՝ թափուելու

[349]        չգտնելու, սրբագրուած՝  զգետնելու

[350]        sic ձեռագիրը՝ գէրութիւնը

[351]        կ՛արդարացնեն, սրբագրուած՝ կ՛ամրացնեն

[352]        sic ձեռագիր՝ եղած ալ շատ ունեցան

[353]        կտրելու համար, սրբագրուած՝ կտրելու իջած   

[354]        կը քաշեն, սրբագրուած՝  կը վազեն

[355]        շէնքը, սրբագրուած՝ զէնքը

[356]        sic ձեռագիր՝ տէտէ յ էն

[357]        հարուածը, սրբագրուած՝ հատուածը  

[358]        ձայներ, սրբագրուած՝ ձայները

[359]        ստուերին, սրբագրուած՝ ստուերը (sic ձեռագիրը՝ ստուերը)

[360]        sic ձեռագիր՝ միայն կը հաւաքէր

[361]        տեսիլքներէ, սրբագրուած՝ տեսիլներէ   

[362]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[363]        ջնջ. ստորակէտ

[364]        յաւելում պակսող բառի՝ անոր

[365]        կախելով, սրբագրուած՝ կոխելով   

[366]        կառավարութեան, սրբագրուած՝ կառավարական  -   

[367]        Ծնթ. - հոգին անապատը գտնել - արժէք չտալ իր կեանքին:

[368]        գալիք, սրբագրուած՝ գալարք

[369]        ունէին, սրբագրուած՝ ունին

[370]        Հարսենական (sic ձեռագիրը) սրբագրուած՝ Հարսանեկան  ?

[371]        շրթներովը, սրբագրուած՝  շիթերովը

[372]        sic ձեռագիրը՝ մտնային [կը մօտնային ?]

[373]        sic ձեռագիրը՝ Չելլած  [Չելած ?]

[374]        ատեն է, սրբագրուած՝ ատենն էր  -   

[375]        sic ձեռագիրը՝ կարմրաւորուն [կարմրաւուն  ?]

[376]        յաւելում ստորակէտի

[377]        խիղճ, սրբագրուած՝ խեղճ    ?

[378]        մնջագին, սրբագրուած՝  մրմնջագին

[379]        տառապանքի, սրբագրուած՝  տառապանք

[380]        թերեւս եւ, սրբագրուած՝  եւ թերեւս 

[381]        յաւելում պակսող բառի՝ կիզումի  

[382]        յաւելում բ. հրատ. պակսող նախադասութիւններու. - տխուր ունակութիւններէ: Բարձին տակէն կ՛առնէր չոր թուզ կամ ընկոյզ ու կը նետէր բերանը: Քանի կզակները կը շարժէին, այնքան իրմէն տարտամ բաներու դուրս սողոսկիլը կը զգար:

[383]        sic ձեռագիրը (յաւելում բառի՝ նման   ?)

[384]        յաւելում ստորակէտի

[385]        գեղձային, սրբագրուած՝ դեղձային

[386]        ջնջ. խօսակցական գծիկի եւ բազմակէտերու

[387]        պապերուն, սրբագրուած՝ պապերնուն

[388]        կատոցը, սրբագրուած՝ կտտոցը (sic ձեռագիրը՝  կտտոցը)

[389]        ծոցուեր ?  ծոցուորեր  ?

[390]        փայլելու, սրբագրուած՝ փայլփլելու  

[391]        sic ձեռագիրը`-քաղքուհիներու

[392]        յաւելում պակսող բառի՝ իսկ  -  

[393]        sic ձեռագիր -- գորովել  [գորովիլ ?]

[394]        sic ձեռագիր՝ յղի ու դժբախտ մետաղներուն ?

[395]        sic ձեռագիրը՝ Փոշի (Փոշիի ?)

[396]        նուազումին, սրբագրուած՝ նուաղումին

[397]        sic ձեռագիրը՝ գեղքի  -   ?

[398]        մերձաւորին, սրբագրուած՝ մենաւոր (sic ձեռագիր՝ մենաւոր)

[399]        նշանելու, սրբագրուած՝ նշանել  ու

[400]        Ծնթ. - փուրաս - սոխազգի մը, պրաս

[401]        մարդկային, սրբագրուած՝ մարդկայինին

[402]        աղաներէն, սրբագրուած՝ աղտերէն

[403]        ջնջ. նոր պարբերութեան անցումը

[404]        կը սպաննէին, սրբագրուած՝  կը սպաննեն

[405]        առակի, սրբագրուած՝ առածի

[406]        վերջակէտը, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[407]        սանդին, սրբագրուած՝ սանին    -    

[408]        տղային, սրբագրուած՝ աղային

[409]        լոյս, սրբագրուած՝ լոյսը

[410]        sic ձեռագիրը՝ հրաշքներէ [հրաշքներէն ?]

[411]        Ծնթ. - մէջ-մարդ՝ միջին տարիքի մարդ

[412]        գայլախազ. - Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն:

[413]        sic ձեռագիրը՝  հեռուներ ?

[414]        կը պաղէր, սրբագրուած՝  կը պտղէր

[415]        sic ձեռագիրը՝ Մեղքը աւելի .... երբեմն -  ?

[416]        պոզը, սրբագրուած՝  պողը

[417]        sic ձեռագիրը՝ կը հոսէր .... հոսում մը  -  ?

[418]        sic ձեռագիր՝ պտուղէն [պտուկէն ?]

[419]        Ծնթ. - դարձ հարսին առաջին դարձը իր մօր տունը։ Նոր հարսները առաջին հաղորդութեան մօտենալու ատեն պարտաւոր են մաքուր մարմին ունենալ։ Այս արդիւնքը ունենալու համար սովորութիւնը կ՚ուզէ, որ անոնք տաղաւարէն երկու շաբաթ առաջ դառնան իրենց մայրերուն ու պառկին անոնց ծոցը։

[420]        հոգին, սրբագրուած՝ հոգիին

[421]        sic ձեռագիր - զգալի

[422]        sic ձեռագիրը՝ կու տան   -   ?

[423]        վճիռին, սրբագրուած՝ վճիռի

[424]        դաշտին, սրբագրուած՝ դաշտէն

[425]        sic ձեռագիրը՝ կը կքեն, քան...

[426]        sic ձեռագիրը՝ հացիի  ?

[427]        փաղաղ, սրբագրուած՝ խաղաղ

[428]        նշուլում, սրբագրուած՝ նշուլուն

[429]        Հոգեվարքներու, սրբագրուած՝  Հոգեւարքներու

[430]        sic ձեռագիրը՝ սուտովը -   ?

[431]        sic ձեռագիրը՝ կը դառնային [ կը դառնար ?]

[432]        արձակը, սրբագրուած՝  արձանը

[433]        անշրջագիծ, սրբագրուած՝ անրջագիծ  

[434]        հեղումն, սրբագրուած՝ տեղումն

[435]        պիտի մղուէր, սրբագրուած՝  պիտի մզուէր

[436]        ծակտիկներէն, սրբագրուած՝ ծակտիքներէն     -  

[437]        յաւելում բ. հրատ. պակսող նախադասութեան. - Զարմացաւ, որ այդքան շուտ կ՛անցնի այդ ամբաւ բանը:

[438]        sic ձեռագիրը՝ ամբաւ

[439]        տնկուածքովը, սրբագրուած՝  անկուածքովը     -  

[440]        ծուծէն-ծուծէն, սրբագրուած՝  ծուէն-ծուէն

[441]        sic ձեռագիրը՝ բան [բանի ?]

[442]        sic ձեռագիրը՝ ատեն [ատենին ?]

[443]        Որքա՞ն, սրբագրուած՝ Որքա՜ն

[444]        յաւելում բ. տպագրութեան մէջ պակսող բառի՝ Կը զարմանար,

[445]        յաւելում բ. տպագրութեան մէջ պակսող բառերու՝ որ կար հոն, աչքին դէմ, տանիքին տակ,  -  

[446]        տեսան անոր մեղքը, սրբագրուած՝  տեսաւ անոր միտքը

[447]        կը զգար, սրբագրուած՝  չզգար

[448]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[449]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[450]        sic ձեռագիրը՝ Յիշեցուցին

[451]        ըսածները, սրբագրուած՝ ըսուածները

[452]        sic ձեռագիրը՝  գրական -   ?  

[453]        պոզին, սրբագրուած՝  պողին

[454]        ջնջ. աւելորդ բառի՝ ու   -  

[455]        ներկուած, սրբագրուած՝ հերկուած  -  

[456]        Ծնթ. - վալա տանհիւս սփռոց: