ԱԿՆՑԻՆ
Աստուած
ստեղծած
է
Ակնցին`
իրար
խառնելով
ազնուական
Հայ
մը
եւ
անտուն
Հայ
մը։
Միութիւն
մըն
է
ան,
որ
իր
մէջ
ունի
ազնուական
արիւն
եւ
թափառականութեան
ու
երգեցողութեան
աւիւն։
Այդ
միութեան
պատուոյ
նախագահը
եղած
է
սատանան։
Միութեան
աջակողմեան
հատուածը
բաղկացած
է
դրական
անձերէ,
իսկ
ձախակողմը
նօսր
է
ու
կազմուած
է
վերացականներէ։
Հակառակ
իր
մէջ
գտնուող
անդամներու
բազմութեան՝
Ակնցին
ընդհանրապէս
նիհար
մարդ
մըն
է`
խոշոր
գլուխով։
Իր
վրայ
ամէնէն
ծանր
բանը
իր
գլուխն
է,
թէեւ
անկէ
շատ
աւելի
ծանր
է
իր
քսակը,
որուն
ճնշումով
միայն
Ակնցիին
գրպանը…
ծակ
է։
Ակնցիին
ուղեղը
ոսկեղէն
է.
ահա
թէ
ի՛նչու
իր
ամբողջ
մտածումը
ոսկի
է։
Իր
առաջին
փափաքն
է
ըլլալ
Ամիրա
կամ
անոր
նման
բան
մը։
Եթէ
չկրցաւ,
կ’անցնի
երկրորդ
փափաքին`
ըլլալ
վաճառական։
Եթէ
ան
ալ
չեղաւ,
կը
գոհանայ
մանրավաճառութեամբ։
Իսկ
եթէ
այդ
ալ
չեղաւ,
այս
անգամ
գրող
կ’ըլլայ։
Քիչ
հեղ
կը
պատահի,
որ
գրող
չկրնայ
ըլլալ։
Ըսենք,
թէ
պատահեցաւ.
այն
ժամանակ
թէ՛
գրող
կ’ըլլայ,
թէ՛
մանրավաճառ,
այսինքն`
երկուքէն
ալ
մէյ
մէկ
քիչ։
Պէտք
է
խոստովանիլ,
որ
ընդհանրապէս
Ակնցին
բանաստեղծ
է
ու
անպատճառ
իր
քէմէրին
մէջ
ունի
քաղցրահնչուն
քնար
մը`
համակ
ոսկի
կամ
արծաթ։
Ան,
իբրեւ
ազնուական,
կը
սերի
Անիի
Ազատանիէն,
Պոլսոյ
Ամիրաներէն
եւ
Փարիսեցի
իշխաններէն։
Իբրեւ
բանաստեղծ`
կը
սերի
Գողթան
երգիչներէն,
հնդեւրոպական
նուագածու
ցիկաններէն
եւ
տրուպատուրներէն։
Իսկ
իբրեւ
գործի
մարդ`
կը
սերի…
սխալ
ըսինք։
Բոլոր
գործի
մարդերը
իրմէ
կը
սերին։
Պապերը
ժամանակին
արքայութիւն
ծախելու
համար
դժուար
յաճախորդ
կը
գտնէին,
մինչդեռ
Ակնցիները
իրենց
յաճախորդներուն
շատ
դիւրութեամբ
կը
ծախեն
դժոխքը։
Հանճարեղ
մարդուկ
մըն
է,
որ
քարքարուտ
տեղ
մը
ծնած
ըլլալուն
երբեք
թաց
տեղ
չի
պառկիր։
Իր
քալելը
ու
գաղթելը
գրեթէ
միաժամանակ
տեղի
կ’ունենան։
Գաղթելէն
վերջն
ալ
անպայման
կը
թառի
արծաթ
ճիւղի
մը
վրայ`
բեռնաւոր
ոսկի
պտուղներով։
Ակնցիին
կծծիութիւնը
առածի
կարգ
անցած
է։
Պոլսեցիի
մը
կողմէ
գրուած
եւ
անտիպ
մնացած`
հին
ազգաց
պատմութեան
գրքի
մը
մէջ
կը
պատահիմ
հետեւեալ
նախադասութեան.
«Ակնցին
այնքան
քաջ
կծծի
մը
եղած
է,
որ
անոր
ձեռքէն
դրամ
առնողներն
են
միայն,
որ
կրցած
են
դասուիլ
դիւցազանց
կարգը
եւ
կապել
յաղթութեան
դափնեպսակ
ու
անմահութեան
լուսապսակ։
Յաճախ
հսկայազօր
բանակներ
տարիներով
պաշարած
են
Ակնցիի
Ոսկեբերդը
ու
յետոյ
ջախջախուած
ամօթալի
պարտութեամբ»։
Ամիրտովլաթի
մէկ
անտիպ
երկասիրութեան
մէջ
կը
հանդիպինք
հետեւեալ
պարբերութեան`
ուղղուած
դայեակներուն.
«Եթէ
Ակնցի
յղի
կնոջմէ
մը
դժուար
ըլլայ
մանուկը
առնել,
պէտք
է
դիմել
հետեւեալ
հնարքին.
լեցնել
ափը
արծաթ
դրամներով
եւ
փողերը
խաղցնել.
մանուկը
ինքնաբերաբար
աշխարհ
կուգայ։
Իսկ
երբ
կ’ուզուի
Ակնցի
մանուկը
շուտ
ոտքի
հանել,
պէտք
է,
արծաթ
դրամ
մը
ցոյց
տալով,
հեռանալ։
Ակնցի
նորածինը
ոչ
միայն
պիտի
վազէ,
այլ
նոյնիսկ
թախլա
պիտի
նետէ
ի
տես
արծաթին։
Ակնցին
կը
մեծնայ`
միշտ
ստամոքսի
խիթ
ունենալով։
Անոր
համար
է,
որ
իր
դրամը
չուտեր,
սակայն,
եթէ
պնակ
մը
դրամ
դնէք
իր
առջեւը,
չի
կոտրեր
ձեզ,
ու,
բարեկամի
դրամ
է
ըսելով,
փառաւորապէս
կ’ուտէ,
այնքան
հաճոյակատար
է։
Ակնցին
հպարտ
է
իր
ազնուութեամբ,
ազնուականութեամբ,
իր
հակոտնեայ
տաղանդներով,
մանաւանդ`
իր
Ակնցի
ըլլալով,
սակայն
երբեք
հպարտ
չէ
իր
դրամով։
Չուրանար
դրամը,
սակայն
ուրանալով
կ’ուրանայ
ի՛ր
ունեցած
դրամը։
Իբրեւ
սեղանաւոր`
վհուկ
է
եղած։
Սուլթանները,
վէզիրները
եւ
անոնց
նմանները
վերածած
է
տասնոցներու։
Բոլոր
դրամներուն
հայրենիքը
Ակնցիին
գրպանն
է։
Ասոր
համար
է,
որ
աշխարհի
ամէն
տեսակ
դրամները
կը
տառապին։
Այդ
դրամները
իրենք
զիրենք
պանդուխտ
կը
համարին,
երբ
Ակնցիի
քսակին
մէջ
չեն։
Ակնցիին
համար
բուն
«թուղթը
պակաս»ները
անոնք
են,
որ
չեն
կրցած
տիրանալ
քանի
մը
տրցակ
թղթադրամի։
*
Երբ
Ակնցին
Զատկի
առթիւ
նոր
հագուստ
ու
նոր
կօշիկ
առած
ըլլայ
իր
զաւկին
համար,
կ’ըսէ`
անոր
վազվզելը
տեսնելով.
-Մէնչուկ,
դիւռը
գոցէ
ու
ֆէօս
էկու։
Մանչը
կուգայ։
Հայրը
կ’ըսէ.
-Շատ
կու
վազես.
այախղապուդ
(կօշիկդ)
կու
մաշի։
Մանչուկը
կ’երթայ
նստիլ
աթոռի
մը
վրայ։
Այս
անգամ
Ակնցին
կ’ըսէ.
-Մի
նստիր,
փանթոլդ
(տափատ)
կու
մաշի։
Տղան
կը
շուարի
ու
կը
հարցնէ.
-Չքալեմ
ու
չնստիմ,
հապա
ի՞նչ
ընեմ։
Հայրական
պատասխան.
-Խելօք
կեցիր։
Տղան
պատին
տակ
կը
կենայ
յանցաւորի
պէս՝
չմաշեցնելու
համար
հագուստն
ու
կօշիկը։
Այսպէս
«խելօք
կը
կենայ»,
սակայն
խելօք
չի
մտածեր`
ըսելով
իւրովի.
-Ո՜րքան
իրաւունք
ունին
Պոլսեցի
դասընկերներս`
ըսելով.
«Ակնցի
կծծի»։
Կը
պատահի,
որ
քիչ
վերջ
ներկայանան
իր
հօրը
քանի
մը
ազգայիններ,
որոնք
դռնէ
դուռ
կը
շրջին`
չքաւորներու
համար
հանգանակութիւն
կատարելու։
Ակնցին
կը
պատուէ
եկողները,
կը
մասնակցի
հանգանակութեան։
Տղան
ափ
ի
բերան
կը
մնայ
ու
կ’ըսէ
հօրը.
-Չափազանց
խնայասէր
ես,
հայրիկ,
սակայն
ի՞նչպէս
կ’ըլլայ,
որ
մասնակցեցար
հանգանակութեան։
Ակնցին
կը
պատասխանէ
խոր
լրջութեամբ.
-Մէնչուկ,
կ’ուզեմ,
որ
մեր
ազգին
աղքատը
յիմար-յիմար
ֆէօս
ու
ֆէօն
չի
վազէ,
ծոյլ-ծոյլ
չի
նստի
ու
չի
մաշեցնէ
իր
շնորհքը։
Թող
խելօք
կոյնի
ու
մտածէ
գործի,
յառաջդիմութեան
մասին։
*
Ամէն
Ակնցի
ծնած
է
Փետրուար
29ին։
Մկրտուած
է
Փետրուար
29ին։
Ու
կը
մեռնի
Ակնցին
միշտ
Փետրուար
29ին։
Ու
այսպէս,
իր
բոլոր
տարեդարձները
կը
կատարէ
չորս
տարին
անգամ
մը,
եթէ,
անշուշտ,
յարմար
տեսնէ։
Ակնցին
եթէ
մէկուն
հետ
թշնամանայ,
էգ
ուղտ
մը
կը
գնէ
եւ
անոր
կեր
կուտայ`
ուղտի
կաթով
սնանելու
համար։
Շատ
կը
սիրէ
նաեւ
հնդկահաւի
հաւկիթը,
ինչպէս
նաեւ`
սիրամարգին
ձուերը։
Ակնցիին
ճաշասեղանին
վրայէն
անցնող
մրջիւնը
իր
ձեռքը
պէտք
է
ունենայ
բարի
վարուց
վկայական
մը
եւ
երթուդարձի
անցագիր
մը։
Եւ
որովհետեւ
մրջիւնները
գործ
չունին
այդ
կարգի
թուղթերու
հետ,
աղէտի
կը
հանդիպին
Ակնցիին
ճաշասեղանին
վրայէն
իրենց
փշրանք
մը
առած
ժամանակը։
Փշրանքի
մասին
մտածող
մեր
Ակնցին,
սակայն,
մերթ
ընդունակ
է
ազգաշէն
առատաձեռնութեան։
Ֆիզիքական
ուժի
չհետեւող
Ակնցին
իր
մէջ
ունի
կրկէս
մը,
որուն
վրայ
կ’ըմբշամարտին
գործի
մարդը
եւ
բանաստեղծը։
Պայքարէն
միշտ
վիրաւոր
դուրս
ելլողը
քերթողն
է։
Անոր
սրտէն
յարատեւօրէն
կը
վազէ
արիւնը։
Ահա
թէ
ի՛նչու
իր
երգերը
խորապէս
խռովիչ
են։
Խորհուրդ
կուտամ
ամէնուն՝
մտնել
Ակնցիին
աչքը։
Ճամբան
գիտնալու
է
սակայն։
Կարելի
է
անցնիլ
իր
կռնակէն,
թեւերէն
կամ
վիզէն`
հասնելու
համար
իր
աչքին։
Մէկ
տեղ
կայ
միայն,
ուրկէ
կարելի
չէ
անցնիլ.
անիկա
իր
գրպանն
է։
Անկէ
անցնելով`
իր
աչքը
մտնեմ
ըսողը
կը
մնայ
Ակնցիին…
գրպանը։
Շատ
բան
կարելի
է
ըսել
հայ
ազգին
պատկանող
այս
կարեւոր
անդամի
մասին։
Մենք,
սակայն,
բաւ
կը
համարինք
այսքան
նկարագրականը
ու
խօսքը
կուտանք
Հրեայի
մը.
-Հիթլէր
ու
Մուսոլինի
կը
հալածեն
մեզ,
Արաբները
կը
սպաննեն
մեզ,
միւս
ազգերէն
շատեր
կ’ատեն
մեզ։
Միջնադարեան
ողբերգութիւն
մը
կ’ապրինք։
Եւ
սակայն
կը
մխիթարուինք`
մտածելով,
որ
յոռեգոյնէն
դեռ
շատ
հեռու
ենք։
Պիտի
ըսէք,
թէ
մեր
այս
վիճակէն
աւելի
յոռեգոյնը
ի՞նչ
կրնայ
ըլլալ։
Ըսեմ։
Եթէ
օրին
մէկը
մեծ
պետութեան
մը
դիկտատորը
ըլլայ
Ակնցի
մը,
արտաքին
գործերու
նախարարը`
Կեսարացի
մը
եւ
ներքին
գործերու
նախարարը`
Վանեցի
մը,
ահա
այն
ժամանակ
է,
որ
մեր
մարիկը
պիտի
լայ։
Վանեցին
մեզ
խոհանոց
կը
խօթէ
ու
մենէ
քառասուն
տեսակ
կերակուր
կը
պատրաստէ
եւ
քառասուն
հազար
քրիստոնեայի
կը
կերցնէ։
Կեսարացին
մեզ
մարդու
չի
կերցներ,
այլ
ինքը
հում-հում
կ’ուտէ`
ապուխտ
շինելով
ու
բարակ-բարակ
ջարդելով։
Գալով
Ակնցիին՝
ան
խիղճ
ունի.
ո՛չ
կ’ուտէ
մեզ,
ո՛չ
ալ
ուրիշին
կը
կերցնէ։
Կ’ընէ
այնպէս
մը,
որ
մենք`
Հրեաներս
ուտենք…
իրար։