Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. ՊՈԼՍԵՑԻՆ

«Զո՞րն ասեմ կամ զո՞րն խոստովանիմ»

Բաբելոնէն Բիւզանդիոն գաղթած վհուկ մը տարօրինակ հաւաքածոյ մը կը կազմէ՝ ի մի բերելով Կեսարացիի մը գլուխը, Ակնցիի մը ուղեղը, Վանեցիի մը ջիղերը, Կարնեցիի մը բերանը, Խրիմցիի մը կոկորդը, Խարբերդցիի մը ճկունութիւնը, Պիթլիսցիի մը արիւնը, Պրուսացիի մը կուրծքը, Չէնկիլերցիի մը ձեռքը, Կիլիկեցիի մը սիրտն ու լեզուն եւայլն, եւայլն, եւայլն։

Դժոխքէն թարմ կրակ բերել կուտայ, որոնց վրայ կը զետեղէ ահագին կաթսայ մը` մէջը լեցնելով առատ Տէրքոզի ջուր եւ իր ժողովածոն կը թափէ ու կը խաշէ։ Եփ մը գալէ վերջ կ՚աւելցնէ Ճենովացիի մը աչքն ու ականջը, քիթն ու քիմքը եւ երիկամունքը, Եէնիչէրիի մը խռչափողն ու ստամոքսը, ինչպէս նաեւ Ֆրէնկի մը փայլուն մորթը, սատանայի մըն ալ պոչը ու կը սկսի խառնել։

Ու մեր թուած նիւթերով կազմուած մածոյցէն Բաբելացի վհուկը կը շինէ մարդ մը, որուն անունն է Պոլսեցի։

Երբ կը ծնի գաւառակազմ Պոլսեցին, իր առաջին ու սրբազան պարտականութիւնը կ՚ընէ չհաւնիլ իր նախահարց եւ նկատել ինքզինքը նրբենի, տաշեալ, եփեալ ու աղեալ կատարելատիպ Հայը։

Եթէ յանուն գիտական հետազօտութեան, պատռենք Պոլսահայուն մարմինը` նայելու համար, թէ «ինչե՜ր կերած է», պիտի գտնենք ահագին քանակութեամբ մահալլէպի, անուշապուր, զէրտէ, փելթէ, որթի տերեւ, սմբուկ, բրինձ, առատ լուբիա, փալամուտ, ջուր, օղի, նորէն օղի ու նորէն ջուր, հազար, վարունգ եւ գաւառացիի միս։

Պիտի տեսնենք, որ Պոլսեցին տակաւին կերած կամ կլլած է ընթերցասիրութիւնը, եղբայրասիրութիւնը, բայց մանաւանդ` հայրենասիրութիւնը։

*

Պոլսահայը շատ կը սիրէ Աստուածամայրը, բնութիւնը եւ օղին։

Կը սիրէ Աստուածամայրը, ինչ գոյն ալ ունենայ ան։ Արաբ Աստուածամայր, թուխ Աստուածամայր, կաթի կամ ոսկիի պէս Աստուածամայր։

Պոլսեցին, եթէ Աստուածամօր նայի, միտքը կ՚իյնայ օղին։ Իսկ եթէ օղի խմէ, ամէն կին իրեն Աստուածամայր կ’երեւի։

Իսկ եթէ բնութեան մէջ ըլլայ, կ՚աղաղակէ յափշտակուած.

-Ծօ՛, աս ինչ աղուոր տեղ է հոս։ Մե՜ղք, մե՜ղք, մե՜ղք։ Շիշէ մը օղի, պնակ մը տոլմա եւ Աստուածամայր մը եթէ ըլլար, հիմա սաստեղը հանդիսաւոր պատարագ մը կ՚ընէինք։

Պոլսեցին Աստուածամայրը հեթանոսացուցած է, հեթանոսութիւնը յաջողապէս քրիստոնէացնելու համար։ Եւ վասն թողութեան մեղաց։

*

Պոլսեցին կամ պաշտօնեայ է (պանքայի գրագիր), կամ արհեստաւոր եւ կամ արուեստագէտ։ Վերջին երկու պարագային ալ ծոյլ։ Երբ գործէ, կ՚աշխատի արագ ու լաւ։

Աստուած վեց օր աշխատած է երկինքն ու երկիրը ստեղծելու համար, իսկ ամբողջ օր մը տուած է միայն Պոլիսը շինելու համար` իր հէքեաթագեղ ջուրերով, կղզիներով, բարձունքներով ու լուսախաղերով։ Այս մոգական միջավայրին մէջ ծնած ըլլալով՝ բանաստեղծ է Պոլսեցին։ Ու չկայ Պոլսեցի մը, որ սիրային ոտանաւոր մը գրած ու զայն տասը օրիորդի նուիրած չըլլայ։

Պոլսեցին բացառիկ ընդունակութիւն ունի երաժշտութեան համար։ Չկայ Պոլսեցի մը, որ դաշնակի վրայ անխնայ զարկած չըլլայ Շոփէնը, Շումանը, Շուպէրթը, Պախը, Պէթհովէնը եւ Շահիր Պիւրհան պէյի կտորները։

Անկարելի է գտնել Պոլսեցի մը որ չունենայ դերասանական տաղանդ։ Ահա թէ ինչու հայ թատրոնի պաշտօնական ծագումն ու ծաղկումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ մէջ։ Ճշդագոյնը ըսած կ’ըլլանք, եթէ արձանագրենք, որ Պոլսեցին կեանքի գերագոյն դերասանութեան անընդունակներն է, որ յանձնած է թատերական բեմին։

*

Հակառակ իր ունեցած շնորհաց ծաղիկներուն՝ գաւառացի մեր քոյրերն ու եղբայրները, ընդհանրապէս եւ բնականաբար, չեն սիրեր Պոլսեցին։ Եւ սակայն շուտ կը սիրահարին իրենց չսիրած Պոլսեցիին։ Եւ ասիկա կեանքի առեղծուածներէն չէ։ Կը սիրահարին` գիտնալով, որ Պոլսեցին անառակ որդին է ազգին։ Աւետարանի անառակ որդիին պէս խոզարած չէ սակայն Պոլսեցին։ Ան ալ խոզ ունի հարկաւ. միայն թէ Պոլսեցին խոզը իր ներսը կը պահէ կամ կ՚արածէ։

*

Քանի մը տարի առաջ լուր ելաւ, թէ հին հնդկահայ հարուստ մը` Էմիրխանեան, ահագին գումար մը ձգած էր իր ժառանգորդներուն, որոնք կը փնտռուին։ Այս լուրը լսած-չլսած, գրեթէ ամբողջ պոլսահայութիւնը, վայրկենապէս եղաւ… «Էմիրխանեան»։

Պոլսեցին ճկուն է, գիտէ անմիջապէս հանուիլ ու հագուիլ ամէն տարազ, ամէն անուն, ո՛ր երկրին, ազգին ու կրօնքին ալ պատկանի։

Այդ շրջանին Պոլսահայ ո՛ր հայրենակցիս ալ նամակ գրէի, զինքը կ’անուանէի հարազատ «Էմիրխանեան»` մեծ խնդութիւն պատճառելով իրեն։

Վաղը միւս օր եթէ Թեթեւեան կամ Այլասէրեան անունով հարուստներ մեռնին, ամբողջ պոլսահայութիւնը կ՚ըլլայ Թեթեւեան ու Այլասէրեան։ Եւ սուտ խօսած չըլլար։

*

Պոլսեցին ընդհանրապէս ազգասէր է, բայց ոչ հայրենասէր։ Այս վերջին տարիներս եղած է «Հայաստանասէր» եւ ի՞նչու չըլլայ, քանի որ հեռու է Հայաստանէն` գտնուելով Պոլիս կամ արտասահման։

Հայաստանը իրեն համար «դրախտավայր» է ու նկարի մը պէս գեղեցիկ է, որքան ատեն որ հեռու է իրմէ։

Պղատոնական յուզիչ սիրով մը, ան, մերթ ընդ մերթ, ինքզինքը կապուած կը զգայ «երիտասարդ» կամ «մայր» Հայաստանին։

Իսկ եթէ մօտենայ տիկին Հայաստանին, նորէն կը սիրէ անշուշտ, սակայն ոչ նախկին վիպապաշտ թափով եւ ոչ ամէն օր։

Պոլսեցիին համար «յաւիտենական սէր»էն աւելի տաժանելի բան քիչ կայ։ Ցմահ սէրը զինքը կը տանի միօրինակութեան։ Եւ Պոլսեցին անօրինակ Հայ մըն է։

Ան քաջառողջ է` իբրեւ Բիւզանդացի, հիւանդ է` իբրեւ Հայ ու թաղած են զինքը իբրեւ Հայաստանցի։

Կրնայ յարութիւն առնել, իբրեւ հայ քրիստոնեայ, եթէ կազմուի մեծ Հայաստան մը, ամէն յարմարութիւններով, բոլոր հանգստաւէտութեամբ։ Սանկ երիտասարդուհի Հայաստան մը` ընկողմանած սնդուսներու, մետաքսներու, ժանեակներու եւ ժապաւէններու մէջ։ Ահա այն ժամանակ Պոլսեցին կ՚երթայ Հայաստան` իբրեւ կնամեծար կամ շրջիկ. կը յուզուի, կը փղձկի, կը գրէ ոտանաւորներ, նուէրներ ալ կ՚ընէ եւ քաջաբար ակռայ մըն ալ քաշել կուտայ այնտեղ, իր արիւնով ալ ոռոգած ըլլալու համար իր «անուշիկ» հայրենիքին հողը։

Պոլսեցիին բերնին մէջ հայերէնը նուրբ է, անոյշ եւ մշակուած, երբ, անշուշտ, գրական լեզուով կը խօսի։ Իր սեփականութեանց ամէնէն ներկայանալի մասն է ան։ Մեղք սակայն, որ Պոլսեցիին յիշողութիւնը տկար է եւ իր աննման հայերէնը շուտ կը մոռնայ։

Պոլսեցին երբ ըսէ.

-Հայերէնը դժուար կը խօսիմ…

Ըսել կ՚ուզէ.

-Ֆրանսերէնը սահուն կը խօսիմ…

Իսկ երբ ըսէ.

-Հայերէն չեմ գիտեր.

Ըսել կ՚ուզէ.

-Լեզուագէտ եմ։

Ճիշդ է, որ Պոլսեցին յառաջացած է լեզուագիտութեան մէջ, ինչպէս լեզուագարութեան։

*

Պոլսեցին երկար-բարակ բաներ շատ ունի։ Հասակը երկար է, միտքն ալ երկար է, ձայնը երկար է, ոտքը երկար է ու, մարմինը համաչափ ըլլալով, ձեռքն ալ երկար է։ Չկարծուի, թէ ձեռքը երկար ըլլալուն համար՝ կը գողնայ վանքին հաւերը։ Քաւ լիցի։ Ան ողջ հաւուն չի դպիր ու չի մորթեր։ Սիրտը փափուկ է։ Բարեսիրաբար սակայն կը թռցնէ… մորթուած հաւերը։ Մեղքը մորթողին վիզը։

*

Պոլսեցիին «հոսհոս» կ՚ըսեն` ծաղրական մակդիրով։ Պոլսեցին հոս է, «Հոսհոս» ըսողն ալ յաճախ Հոն մըն է։

*

Պոլսեցիին համար վաստակաւոր հայհոյող մըն է, կ՚ըսեն։

Եթէ այդքան ըլլար, անսովոր մէկը պիտի չըլլար Պոլսեցին, քանի որ հայհոյելու մասնագիտութիւնը առանձնաշնորհ չունի միջազգային հրապարակներուն վրայ։

Պոլսեցին հայհոյակապուտ մըն է, եթէ այս բառիս դէմ չհայհոյէ Երուանդ Տէր Անդրէասեան։

Բացատրենք։

Քէմալական կառավարութիւնը մէկ քանի տարի առաջ պաշտօն տուաւ ափ մը թուրք մտաւորականներու, որ հաւաքեն թրքական հէքեաթները (աննախընթաց կերպով ճոխ), առակները, առածները, անէծքներն ու բազմապիսի հայհոյութիւնները։

Ու բանահաւաքները կը սկսին գործի։ Երբ կարգը կուգայ հայհոյութեանց, անոնք զարմանալով կը տեսնեն, որ երկրին մէկ ծայրէն միւսը ու մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, թրքական հայհոյութիւն գրեթէ չէ մնացած։ Ո՞վ առած էր, ե՞րբ առած էր եւ ո՞ւր տարած էր զանոնք։ Ահագին փնտռտուք։ Անօգուտ բան։ Լուր կը տրուի ոստիկանութեան։ Խուզարկութիւններ կ՚ըլլան։ Նորէն անօգուտ։ Վերջապէս մաքսային պաշտօնեաները կը բացատրեն ամէն բան՝ ըսելով.

-Իւրաքանչիւր Պոլսահայ Պոլսէն փախած ժամանակ իր հետ տարած է հինգ-տասը սնտուկ թրքական հայհոյութիւն։

-Եւ դուք չարգիլեցի՞ք։

-Ըսին, թէ այդ հայհոյութիւնները իրենց էութեան անբաժան մասը կը կազմեն։

-Վա՜յ հընզըրներ, վա՜յ գողեր…

-Կ՚երեւի պարապ ձեռք երթալ չէին ուզեր Ֆրանսացիին կամ Ամերիկացիին մօտ։

Արտասահմանի մէջ քննութիւն մը կը կատարուի` ստուգելու համար պաշտօնեաներուն ըսածը։

Ու կը հաստատուի։ Այո՛, Պոլսահայերը շորթած էին թրքական հայհոյութեանց հատընտիր հաւաքածոն, տարիներով արտածում կատարած, իրենց գացած տեղերը չարաչար գործածած այդ լուտանքները եւ մինչեւ անգամ օտարներուն գործածել տուած։

*

Պոլսեցին, Վոսփորի եզերքը ծնած ըլլալով, շատ կը սիրէ նեղուցը, ինք ալ արդէն նեղուց մըն է, որ իրարմէ կը բաժնէ կնիկը եւ էրիկը ու իրար կը միացնէ շատակերութիւնը եւ շատախօսութիւնը։

*

Եթէ արձանագործ ըլլայի, պիտի շինէի Պոլսեցիին արձանը հետեւեալ ձեւով.

Պատուանդան մը, որ պիտի ներկայացնէր Վլանկայի վարունգի արտը։ Անոր մէջ կանգնած Պոլսեցին։ Արձանները մերկ կը շինեն ընդհանրապէս։ Իմ քանդակելիք Պոլսեցիս, թէեւ Ադամի մը պիտի նմանէր իր բոպիկութեամբ եւ մերկանդամութեամբ, սակայն, հագած պիտի ըլլար վարտիք, շապիկ մը կամ գիշերանոց մը։

Վերամբարձ աջ ձեռքին մէջ պիտի ունենար բոցավառ եւ ջահաձեւ օղիի շիշ մը։

Ձախ ձեռքին մէջ անմահութեան բաժակը։

Պոլսեցին իր կռնակը դարձուցած պիտի ըլլար Արեւելքին… յանուն յառաջդիմութեան։

Բերանը բաց ու պոռալու ձեւ մը պիտի ունենար։ Իր աղաղակէն ուզողը իր ուզածը կրնայ հասկնալ. օրինակ՝

-Հրդե՜հ կայ…

-Կեցցէ՜ բլբուլ գետի քաջ խումբը…

-Մուխը կը մարենք այրողներուն…

-Անկցի՜ն գինետունին ապակիները…

Արձանին ներքեւի մասին մէջ պիտի քանդակէի հանենտէ Արթաքիի արեւելանուագի խումբը` բազմած ծաղկեալ սեղանի մը առջեւ, կշռոյթ տալով Պոլսեցիին ձայնին ու քայլին։

Արեւելանուագին առջեւ պիտի պարէին, պորտախաղով, Ս. Սարգիսը եւ Ս. Կոյս Հռիփսիմէն։

Պոլսեցին կոխած պիտի ըլլար վիշապաձեւ փալամուտներու կոյտի մը վրայ։

Ու իր ճակտին շուրջ պիտի ունենար պսակ մը՝ կազմուած փորը լեցուած սմբուկներէ, դդումներէ եւ լոլիկներէ։