Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻՆ

ԺԵ. դարուն վերջերը հոգեւոր հովիւ մը Բիւթանիոյ մէկ գիւղը կը մտնէ` տեղացի Հայերը հեթանոսութենէ քրիստոնէութեան դարձնելու համար։ Հոգեւոր հովիւը` Ամբրոսիոս վրդ. Ինքնատիոսեան, քանի մը շաբաթուան ընթացքին տեղացիները խորապէս ուսումնասիրելէ յետոյ, կ’ըսէ գեղջուկներուն եւ գեղջկուհիներուն.

Ձեր շէնին կնքահայրը կ’ըլլամ ու կ’անուանեմ ձեր գիւղը Պարտիզակ։

Ի՞նչու համար այդ անունը կը դնէք մեր գիւղին, - կը հարցնեն։

Ու հոգեւոր հովիւը կը պատասխանէ.

Ամէնքդ ալ մէյ մէկ ծաղիկ էք։ Այսքան բարի ծաղիկ պարունակող գիւղ մը, բնականաբար, պէտք է կոչուի Պարտիզակ։

Պարտիզակցիները Ամբրոսիոս վրդ. ի օրով, փոխանակ քրիստոնեայ ըլլալու, կը դառնան մահմետական։

*

Պարտիզակցի այրերը կատաղի ծաղիկներ են` ո՛ր կուսակցութեան ալ պատկանին։ Իսկ կիները կատաղի են, եթէ նոյնիսկ որեւէ կուսակցութեան չպատկանին։

Պարտիզակի կէսին ամէն մարդ զմայլած է, միւս կէսին ալ թող Պարտիզակցին ինք զմայլի։

Պարտիզակցին ծնած օրէն սիրահար է։ Անխոնջ կերպով կը խաղայ սիրահարի դերեր, Րոմէոյէն մինչեւ Աշըք Քէրէմ։

Բարեգործութեան հիմնադիրը, անտարակոյս, Պարտիզակցին եղած է։

Պարտիզակցիները օգնութեան հասնողներ, փրկութեան վազողներ եւ կրակ մարողներ են։ Անշուշտ, բազմաթիւ են նաեւ կրակ վառողները իրենց մէջ։

Պարտիզակցիէն ելած են շատ մը հոգեւորականներ։ Ելած են նաեւ մտաւորականներ։ Մարմնաւորականներ ալ շատ ելած են։ Ելածին տեղ, սակայն, մտած են նոյնքան եւ, թերեւս աւելի, մտաւորականներ ու հոգեւորականներ, որով Պարտիզակցիէն բան չէ պակսած։

Պարտիզակցին համակրելի է` ըլլալով մարդամօտ եւ մարդասէր։

Պարտիզակցին կ’երգէ, երբ բերանը բանայ, կը հայհոյէ, երբ կիսաբաց թողու բերանը ու կը ստէ, երբ բերանը փակէ։

Պարտիզակցին, ծաղիկ ըլլալով, խիստ զգայուն է։ Անթառամ ծաղիկն է ան, որ կրնայ շէնցնել խորան մը, բեմ մը կամ խուց մը։