Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉՈ՛Ւ ՉԵՆ ԽՆԴԱՐ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ

Ընտանեկան հաւաքոյթի մը մէջ էի. բոլոր ներկաները մարելու աստիճան կը խնդային` ունկնդրած ըլլալով պատմութիւն մը։ Սենեակին մէջ կային նաեւ շուն մը եւ կատու մը։ Կամաց մը ծռեցայ ու ըսի անոնց.

Դուք ինչո՞ւ չէք խնդար։

Կատուն ըսաւ.

Խնդալու սիրտ չունիմ։

Շունը, աւելի դասական, պատասխանեց.

Երիկամունք ո՛չ ունիմ խնդալու համար։

Աջ կողմս գտնուող բարեկամի մը ըսի.

Բոլորը կը խնդան` բացի կատուէն ու շունէն։

Եւ բարեկամս ինծի ըսաւ.

Օր մը հաւաքուած էինք Կոստանեաններուն տունը բազմաթիւ բարեկամներ։ Բոլորս ալ խմած էինք եւ շատ ուրախ տրամադրութեան մէջ։ Սենեակը լեցուն էր ծիծաղներով։ Մեր մէջ միայն մէկը կար, որ խորապէս տխուր էր։ Քանի մը անգամ մշտած էինք զինքը, որ մասնակցի մեր զուարթութեան` թօթափելով իր տրտմութիւնը։ Անիկա կարծես քարացած էր իր թախիծին մէջ։ Յանկարծ տան շունը մտաւ սենեակէն ու գնաց կեցաւ տխուր մարդուն առջեւ։ Քիչ վերջը իր երկու թաթերը դրաւ անոր ծունկերուն վրայ ու սկսաւ խորունկ, խորունկ նայիլ մելամաղձոտին աչքերուն։ Երկար տեւեց շան այդ քննական եւ հաղորդական դիրքը։ Կէս գիշերին մեր տխուր բարեկամը բաժանման ժամանակ յայտարարեց. «Բարեկամներ, ձենէ մէկը թող այս գիշեր մինակ չթողու զիս։ Ընկերակցութեան մը պէտք ունիմ»։ Ամէնքը միաբերան անոր պատասխանեցին. «Յիմար-յիմար դուրս մի՛ տար։ Տունդ գնայ ու պառկէ»։ Մարդը ուղղուեցաւ դէպի դուռ։ Շունը ընկերացաւ իրեն մինչեւ տանը սեմը` խուլ հեծկլտուքներ արձակելով։ Մեր տրտում բարեկամը մեկուսի մեկնեցաւ տուն։ Հետեւեալ օրը լսեցինք, որ նոյն գիշերը անձնասպանութիւն է գործեր։ Չե՞ս խորհիր, որ կենդանիները մենէ շատ աւելի խորապէս կը տեսնեն ցաւերն ու տրտմութիւնները եւ սիրտ չունին խնդալու։

Ձախ կողմս գտնուող բարեկամիս ըսի.

Քիչ առաջ բոլորը կը խնդային` բացի կատուէն ու շունէն։

Ու ձախակողմեան բարեկամս պատմեց.

Ընկերներէս Արսէնը երբ մեռաւ, աղուոր յուղարկաւորութիւն մը կատարեցինք։ Երբ դագաղը փոսը կ’իջեցնէին, սրտակեղեք էր տեսարանը։ Բոլորը անխտիր կուլային։ Կիները, անշուշտ, դիւրաւ կուլան։ Բայց եղերական ու յուզիչ էր տեսնել այրերուն արտասուելը։ Արցունքներով թրջած էին Արսէնին հողակոյտը։ Հինգ տասը վայրկեան վերջը յուղարկաւորները դուրս կ’ելլէին գերեզմանատան դռնէն։ Ու տեսնելիք բան էր այլափոխութիւնը։ Ո՞ւր էին լացողները…։ Ամէն ոք ուրախ էր, շէն ու կատակող։ Բազմութիւնը կարծես խնջոյքէ մը կը դառնար կամ ցայգատօնի մը կ’երթար։ Ես մէկը միայն տեսայ, որ կը պահէր իր վիշտը ու սուգը։ Աշոտին կատուն։ Յուղարկաւորներուն ընկերացած էր մինչեւ գերեզման ու կը վերադառնար լալագին հեծկլտուքներուն մէջ։

Դիմացս նստող բարեկամս մտիկ ըրած էր աջէս ու ձախէս պատմուածները։ Անոր ըսի.

Կրնա՞ս ըսել, թէ կենդանիները ի՞նչու չեն խնդար ուրախութեան պահերու մէջ։

Անիկա ինծի ըսաւ.

Ես կենդանի չեմ։ Կենդանիներուն հարցուր։

Վերարկուս հագայ, դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ կենդանաբանական պարտէզ։

Առիւծի մը հարցուցի.

Թագաւոր, ինչո՞ւ չես խնդար դուն։

Ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած մը տխմար պէտք է ըլլայ խնդալու համար։

Եւ սակայն դուն քու ազատութեանդ օրերուն ալ չէիր խնդար, արքայից արքայ։

Որքան ատեն որ մարդ արարածը երկրի վրայ երեւցած է, ազատութեան օ՞ր մնացած է։

Ուղտի մը մօտեցայ եւ ըսի.

Անապատի նաւ, ի՞նչու չես խնդար բնաւ։

Անապատի մէջ մարդ ի՞նչի վրայ կրնայ խնդալ։

Եւ սակայն հիմա անապատի մէջ չես, այլ ապատի, ահա մարդիկ կան շուրջդ…

Մարդոց հոգին անապատ չէ՞ միթէ։ Առանց ովասիսի։

Փիղի մը առջեւ էի.

Հին դարերու զրահակիր, ի՞նչու չես խնդացած ամբողջ կեանքիդ մէջ։

Խնդալու համար պէտք է դէմքին դնդերները եւ հոգիին թեւերը կակուղ ու առաձգական ըլլան։ «Մարդ» կոչուած հրեշը կարծրացուցած է իմ մէջս ու իմ վրաս ամէն բան։

Կենդանաբանական պարտէզէն դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ դէպի դաշտ մը։ Այնտեղ կային կովեր, եզեր ու ոչխարներ։ Աղաղակեցի.

Ընտանի կենդանիներ, ըսէք ինծի, ինչո՞ւ խնդալու սովորութիւնը չունիք։

Անոնք պատասխանեցին.

Մեր այսօրը տխուր է, մեր վաղը մռայլ է։ Ինչպէս կրնանք խնդալ։ Տաժանքը եւ սպանդանոցն է մեր բաժինը։ Ի՞նչպէս կրնանք խնդալ։

Մարդուն պէս հերոսական եղէք։ Ժպտեցէք տառապանքին մէջ անգամ։ Տուայտեցէք` ժպտելով ու մեռէք` ծիծաղը ձեր շրթունքին վրայ։

Մենք աճպարարներ չենք։

Մօտեցայ ձիու մը եւ ըսի.

Գեղեցիկ ձի, ի՞նչու չես խնդացած, չես խնդար ու պիտի չխնդաս։ Ժպիտ մը գոնէ։

Վրաս՝ մարդ, ետիս՝ մարդ, առջիս՝ մարդ։ Ի՞նչպէս խնդամ։ Դուն ճիւաղներով պաշարուած եթէ ըլլաս, կրնա՞ս խնդալ։

Մարդիկ, սակայն, քեզ շատ կը սիրեն։

Աստուած ազատէ մեզ մարդէն ու անոր սէրէն։

Էշու մը մօտեցայ.

Հապա դո՞ւն ինչու չես խնդար, Արկադեան սոխակ։ Երեսդ միշտ կախ է։

Ժամանակ մը կը խնդայինք, երբ դեռ երկրի վրայ մարդը ստեղծուած չէր։

Մարդուն` երկրի վրայէն հեռանալուն կը սպասե՞ս` վերստին խնդալու համար։

Էշը զռաց ու ըսաւ.

Վերջին խնդացողը լաւ պիտի խնդայ։

Գնչու մը կ’անցնէր` մէկ կողմէն քաշելով կապիկ մը ու միւս կողմէն քշելով խոզ մը։

Կանգնեցուցի Գնչուն, դրամ դրի ափին մէջ, որ թոյլ տայ հարցափորձել իր կենդանիները։

Կապիկին ըսի.

Ի՞նչու չես խնդար…

Կը հեգնեմ, սակայն, չեմ խնդար։

Տե՛ս, մարդը կը խնդայ, մինչդեռ դուն, որ մարդուն նախահայրն ես, զրկուած ես այս սիրուն սովորութենէն։

Այնուամենայնիւ, մարդուն ամբողջ ըրածը կապկութիւն է։

Ըսէ, սակայն, թէ ինչու չես խնդար։

Գիտես, որ մարդը սերած է մենէ` կապիկներէս։ Արդ, երբ հայր մը կամ մայր մը կը տեսնէ, որ հրէշային զաւկի մը ծնունդ տուած է, ալ ինչպէս խնդալու տրամադրութիւն կը մնայ մէջը…

Ծռեցայ խոզին ու ըսի.

Պարոն խոզ, հապա դուն ի՞նչու չես խնդար։

Իմ պարագաս կապիկին պարագայէն ծանր է։

Ըսէ, խնդրեմ, քու պարագադ։

Երբ կապիկը չի խնդար «մարդ» կոչուած ճանավարին ծնունդ տուած ըլլալուն համար, ես ինչպէս կրնամ խնդալ` տեսնելով, որ մարդը, կապիկութենէ հեռացած, կը մօտենայ խոզութեանս։ Վտանգը կապիկէն հեռացած է ու մօտեցած ինծի։

Ուրեմն դուք մարդկութեան ոչնչացումի՞ն կը սպասէք` խնդալու համար։

Մարդկութեան ոչնչացումէն դեռ դարեր վերջ պիտի չկրնանք խնդալ, քանի որ անոր խայտառակ գործերը ատեն մը տակաւին պիտի մնան երկրի վրայ։

Ու կապիկը աւելցուց.

Եւ մինչեւ այդ՝ մենք կը խնդանք ձեր վրայ, մեր ներսէն։

Մժեղ մը խայթեց զիս, ու ես արթնցայ քունէս։ Հետեւեցայ մժեղին շարժումներուն եւ թռիչքներուն։ Կ’երդնում, որ տեսայ անոր ներքին խնդուքը։

Պարզապէս քթիս կը խնդար` խայթելով ու հեռանալով եւ տզերգելով։