Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՓԱԶԱՐՑԻՆ

Աւանդութիւն մը կ’ըսէ, թէ Սրբուհի անուն մայրապետ մը յանկարծ կը սիրահարուի կրակապաշտ քուրմի մը ու կ’ամուսնանայ անոր հետ` ընդունելով հեթանոսութիւնը։ Այդ միութենէն կը ծնի բարի ծաղիկ մը։ Անիկա Ատափազարցին է։ Մայրը կը դառնայ քրիստոնէութեան եւ իր զաւակը մկրտել կուտայ եօթը եկեղեցիներու մէջ` սպառելով ահագին ջուր, միւռոն եւ օղի։ Կնքահայրը կ’ըլլայ, ըստ աւանդութեան միշտ, Տոն Քիշոթը։

Ու զաւակը, այսպիսով, կը քաշէ իր սրբուհի մօրը, ինչպէս իր հեթանոս հօրը կամ իր ծուռ ու մուռ կնքահօրը։

Բարի ու բարեպաշտ կ’ըլլայ Ատափազարցին եւ կը սկսի պաշտել Ս. Մարիամը ու առհասարակ բոլոր Մարիամները։

Իր սեփական տանը մէջ մատուռ կը շինէ ու կը ջանայ ուրիշին տանը մէջ ալ կանգնել մեհեան մը։

Ձեռներէց է ու միշտ հեւքի մէջ։ Մէկու մը մէկ ըրածին ինք երկուքը կ’ընէ։ Մէկ քաշելուն գիտէ երկու ակռայ հանել, մէկ նետելուն գիտէ երկու հոգիի կլլեցնել։ Իր կեանքը համակ շարժում է, որով կը սիրէ բոլոր շարժուն բաները. օրինակ շարժանկարը, ինքնաշարժը ու երկրաշարժը։

Կը սիրէ նաեւ օղետունը, որ իրեն համար «ծով» մըն է յարաշարժ։

Գիտունները կրնան ստանալ յաւիտենական շարժումը՝ Ատափազարցիի մը կզակին մէջէն։

Ատափազարցիին առոգանութիւն ալ լի է շարժական ալիքներով։ Երգահան եւ երգիչ է միանգամայն, քանի որ կը խօսի եղանակով։ Իր կեանքը ամէն օր օփերաքոմիք մըն է` մերթ օփէրան աւելի ու յաճախ քոմիքը շատ։

Ուսումնասէր է, ինչպէս նաեւ գրասէր։ Կը նախընտրէ, սակայն, երգիծաբանութիւնը` իբրեւ գրական նիւթ։ Երգիծաբանութիւնն ալ, փոխադարձաբար, կը սիրէ Ատափազարցին… իբրեւ հում նիւթ։

Որ երկրին մէջ ալ գտնուի, միջոցը կը գտնէ կարճ ժամանակի մէջ տեղացիներուն հետ մշակելու բարեկամութիւն։ Օր մըն ալ կը տեսնես, հաստատեր է յարաբերութիւն նախարարներու, նախագահներու եւ թագաւորներու հետ։ Բոլոր օտարները հայասէր կը շինէ։ Մի՛ զարմանաք, եթէ օր մը Հայերու թիւէն աւելի հայասէրներ գտնուին աշխարհի վրայ։ Ատափազարցին մասնագիտութիւնը ունի ստանալու պետութիւններէ քիլոներով պատուանշաններ, ինչպէս նաեւ կանգուն-կանգուն մրցանակներ։ Քիչեր կան, որ պատուուած չեն ներբողագիրներով։ Անոնք ալ, անշուշտ, այսօր-վաղը կ’ընդունին իրենց արուեստին, քաջագործութեանց եւ գործողութեանց արժանի պատուանշանները։

Քառասուն էջնոց տեղեկատու շաբաթաթերթ մը հազիւ բաւէ Ատափազարցիներու ստացած աստիճաններուն եւ գովեստներուն ուրախ լուրերը, պետական անձերու հետ ունեցած երկարաշունչ եւ ազգօգուտ տեսակցութիւնները արձանագրելու համար։

Ատափազարցի մը Բարեկենդանի շրջանին դիմակ ու տարազ վարձելու պէտք չունի` փալեաչօ դառնալու համար։ Կրնայ դիմակաւորուիլ իր վկայականներով եւ զգեստաւորուիլ իր գունագեղ պատուանշաններով։

Պէտք չէ մոռնալ, որ կան խոնարհ Ատափազարցիներ ալ։ Անոնցմէ մէկը օր մը ըսաւ.

Հպարտ եմ ես, հպա՜րտ եմ։

Ինչո՞ւ, - հարցուցի։

Որովհետեւ կուրծքս բաց է, որովհետեւ պատուանշան չունիմ։ Ինծի համար միակ պատուանշանը Թագուկին համբոյրն է։

Ատափազարցին միայն պատուանշանին գերին չէ։ Ան գերին է նաեւ կա՛մ իր մօրը, կա՛մ իր կնոջը։ Բացառութիւններ կան։ Անոնք ալ իրենց սիրուհիին գերին են։

Ատափազարցին իր հոգին կուտայ իր ընտանիքին համար։ Ուրիշին ընտանիքին համար ալ մարմինը կուտայ։ Այսպէսով իրեն կը մնայ իր հագուստ-կապուստը միայն։ Ու այս պատճառով է, որ մերթ խրտուիլակի ձեւ կ’առնէ` սարսափեցնելով թռչունները։

Ատափազարցին այնքան հիւրասէր է, որ իր ճաշասենեակը դուռ չունի։ Հիւրերը դուռն անգամ կերած են։

Դժուար կ’ամուսնանայ, սակայն դիւրաւ զաւակ կը բերէ։ Որեւէ տեղէ դիւրաւ ներս կը մտնէ, սակայն դժուար դուրս կ’ելլէ։ Իր մէջ ամէն բան, դիւրաւ կը շինուի, սակայն կ’աւրուի դժուար։ Կը գրէ դժուար, յաճախ չի ալ գրեր, սակայն կը ստորագրէ դիւրաւ։

Երբ Ատափազարցի մը տեսնեմ, ա՛յն տպաւորութիւնը կ՚ունենամ, թէ կատակերգութեան մը ներկայ պիտի ըլլամ։ Ու քիչ անգամ յուսախաբ կ’ըլլամ։ Ոչ-կատակերգու Ատափազարցին անգամ կեանքի կատակերգութեան ընդարձակ սրահին մէջ այնպիսի տաղանդաւոր հանդիսատես մըն է, որ շատ անգամ բեմի վրայ խաղացողներէն աւելի կը ժպտեցնէ մեզ։

Սուտ չի խօսիր, այլ պոչաւոր ճշմարտութիւններ կ’ըսէ, այսինքն` ճշմարտութիւնը կը բազմապատկէ հազարով եւ կամ խոշորացոյցերու տակ կը բռնէ։ Կ’ուզէ մեծցնել ճշմարտութեան դիրքը։

Եթէ օդային յարձակման փորձի մը ներկայ ըլլայ, կը յայտարարէ.

Չորս ժամ տեւող դժոխային ռմբակոծութեան ընթացքին մէկ հոգիի քիթը չարունեցաւ։

Կը մոռնայ, որ մէջտեղը վիրաւոր մը կայ` գլուխէն զարնուած, ու անիկա ինքն է։

Եթէ կլլող ձեւանաս, կը շարունակէ ու կ’ըսէ.

Հիւանդապահուհիները սկսան նեղուիլ վիրաւոր չըլլալուն։ Անոնց մէջէն խաս գեղեցիկ մը իր ձանձրոյթը փարատելու համար սկսաւ մենապար մը դառնալ լուսնին տակ։ Ու փոխանակ վիրաւոր դարմանելու` իր նայուածքին նետովը վիրաւորեց սիրտս ու թոյլ տուաւ, որ մեր Չարխին պէս արիւնս վազէ…

Ատափազարցին ունեցած է համբաւաւոր օղետուն մը` զայն անուանելով «Մանոլին Ծովը»։ Թէեւ այս «ծով»ը աշխարհագրութեան չոր ու ցամաք քարտէսներուն մէջ կարելի չէ գտնել, սակայն, այնտեղ ահագին թիւով մարդիկ խեղդուած, հոգիով լոգցած կամ սուզուած են` ունայնութեան նաւահանգիստներէն հեռանալու համար։ Ատափազարցին Միջերկրականի ծովապետ ալ ընես, ան միշտ կը փնտռէ «Մանոլին Ծովը», ուր այնքան առագաստներ մաշեցուցած է։ Ինչ պատկերալից է, սակայն, այս «ծով» բառը։ Մարդ գինովնալով կը ծախէ քաղաքները, երկիրները ու վերջապէս ամբողջ ցամաքամասը։ Հողերը վաճառած մարդուն կը մնայ ապրիլ ծովուն եւ իր ալեկոծութեան մէջ։ «Ծով»՝ նաեւ արդարացնելու համար Ատա (կղզի) անունը։ Կղզի մը շրջապատուած պէտք է ըլլայ հեղուկով։ Ուրեմն Ատափազարը կղզի մըն է, որ կը գտնուի «Մանոլի Ծով»ին մէջ, այսինքն` շրջապատուած է հեղուկով, եւ այդ հեղուկը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անմահութեան ջուրը՝ օղին։

Ատափազարցիները կղզեցի ըլլալէ աւելի ծովեցի են, քանզի հաստատուն մարմինի վրայ ապրելէ աւելի՝ տատանած են հեղուկի վրայ։

*

Հիմա խօսքը Ատափազարցիին է, որ խօսի մեզի ծովուն հրաշքներէն։

Հինգ հոգիով Մանոլին Ծովը մտանք ու յիսուն հոգի եղած` դուրս ելանք։ Ս. Սարգիսին մտանք ծով ու Բուն Բարեկենդանին դուրս ելանք ծովէն։ Սախարիա գետին չափ օղի խմեցինք։ Ծովին մէջի բոլոր ձուկերը կերանք ու բոլոր ոստրէները ճաշակեցինք։ Ոստրէները դանակով չէինք բանար։ Հնարք մը գտած էինք։ Կը յօրանջէինք եւ, որովհետեւ յօրանջելը փոխանցիկ է, ոստրէներն ալ մեզի նայելով` կը բանային իրենց բերանները, ու մենք առիթէն օգտուելով՝ կը կլլէինք զիրենք։ Մեր գաւաթները իրար զարկած ատեն՝ Մեզարլըխին մեռելները իրենց գլուխները հողերէն դուրս կը հանէին ու «անոյշ» կը պոռային, իսկ Հայուհեաց փողոցի յղի կիները մէկ զաւկի տեղ երկուորեակ կը բերէին աշխարհ։ Նուագը փոթորիկի պէս կ’որոտար ծովին մէջ։ Մեր զուռնային ձայնը Արմաշէն կը լսուի ու Չարխաբան Աստուածամայրը մեր Ս. Լուսաւորիչին այցելութեան կուգայ։ Երկուքը մէկ, թեւ թեւի Մանոլին Ծովէն ներս մտան։ Տալղաներուն վրայէն քալելով` մեր քովը եկան։ Օրհնեցին մեզ ու խնդրեցին, որ չարերը հալածենք աշխարհի վրայէն։ Քաշեցինք դանակները ու մէկ հոգինիս տասը եղած դուրս ելանք ծովէն։ Ցամաք ոտք կոխեցինք չկոխեցինք՝ պատերազմը սկսաւ։ Յարձակում, նահանջ, պաշտպանութիւն, խուժում, յաղթանակ։ Ուրիշներ ալ խառնուեցան։ Ու այսպէս սկսաւ ընդհանուր պատերազմը։ Չորս տարի։ Դափնիի սով եղաւ։ Ատափազարը կորսնցուցինք, սակայն տիրացանք ուրիշ կղզիներու, ինչպէս Աթլանթիտին ու Փարիզի Սիթէին։ Ծովը նորէն մերն է, ու միշտ կը ջարդենք ու կը ջարդենք։

*

Մեր պատուական Ատափազարցին շատ փափաքած է, որ իր սիրած հայերէնը ըլլայ միջազգային լեզու։ Այս պատճառով իր լեզուն դրած էր Թուրքերուն եւ Յոյներուն բերնին մէջ` զանոնք ընելով հայախօս։ Յանկարծ տեսած է, որ իրեն լեզու չէ մնացած։ Այն ատեն սկսած է հայերէնի տեղ գործածել հայհոյերէնը։

*

Կը պատմեն, թէ Ատափազարցի մը, Սպանիացի ողորմած հոգի ազնուականի մը նման, հեծած ձիու մը վրայ, կը սուրայ սիգապանծ, բազմութեան մը աչքերուն առջեւ։ Յանկարծ կ’իյնայ ձիէն ու հաւաքուած հանդիսականներուն կը յայտարարէ` առանց աւրելու ինքզինքը.

Արդէն պիտի իջնէի (զաթը տ’իշնէի)։

Ուրիշ Ատափազարցի մը, սակայն, նոյն պայմաններուն մէջ կ’իյնայ ձիէն` կոտրելով իր ոտքը։ Ու գովելի ճարտասանութեամբ մը կը բարբառի զինքը շրջապատողներուն.

Ըսելու պէտք չկայ, գիտէք, որ իյիտ եմ։ Գիտէք ալ, որ իյիտը մարդէ չի վախնար։ Բայց ինծի պէս ամէն իյիտ, իր տիւշմանին դէմ եղած ատեն՝ մինակ դաւաճանութենէ կը վախնայ։ Եւ ո՞վ կը համարձակի ինծի դէմ դաւաճանութիւն ընել, եթէ ոչ միայն իմ ոտքս, որուն խելքը միտքն է տուշմանին առջեւէն զիս փախցնել ու խայտառակել։ Ահա թէ ինչու համար ոտքս կոտրեցի։ Կաղ ոտք մը չի կրնար դաւաճանել։ Հիմա որ դաւաճանը իր ցած նպատակին չի կրնար հասնիլ, ա՛լ ո՜վ կը համարձակի մազիս մէկ թելին դպչիլ։

Այս բոլորը ըսելէ վերջ կը դառնայ ձիուն կողմը։ Ձին սակայն չկար։ Գողցած էին։

Իրեն կ’ըսեն.

Չէնկիլերցի մը փախցուց ձիդ։

Ու Ատափազարցին կ’ըսէ.

Չէնկիլերցի՞ն… Անիկա իմ ախոռապանս է։

Կարելի չէ գտնել քաջ Ատափազարցի մը, որ խայտառակուած ըլլայ։ Անիկա քաջութիւնը կը խայտառակէ, սակայն ինքզինքը երբեք չի խայտառակեր։