Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐՕՆՑԻՆ [1]

Ահաւասիկ Հայը։

Ոչ միայն անպակաս ու անխառն, այլ` յորդազեղ։

Ահա հարազատ Հայաստանցին, որուն մօտենալով` կը զգաս, թէ կը մատչիս հայրենի լեռան մը։

Կարծես Քաջ Վարդանի թոռն է ան, Մեսրոպի աշակերտը եւ Սասունցի Դաւիթին աղբօր տղան։

Իր հոգիին ամէն կողմը բռունցք է` ուղղուած աշխարհի անիրաւութեան դէմ, եւ իր մարմնոյն ամէն կողմը սիրտ է` բաբախող հայ ազգէն եկող ապերախտութեան դէմ։

Ազգի համար մեռանք, կորանք, ազգը մեզ մոռցաւ։

Ո՛չ։ Տարօնցին անմոռանալի է, եթէ նոյնիսկ բոլոր մարդերուն ապերախտութիւնը ազգը ծախու առնէ ու թխմէ իր մէջ։

Եւ, սակայն, ո՞վ է սա «ազգ»ը։ «Ազգ»ը Տարօնցին է նախ։ Դժբախտաբար, մեր մէջ ազգը դրամն է։ Աւելի ճիշդ, դրամի տէր եղողներն են, որ կազմած են ազգը։

Ազգը ոգի է նիւթ ըլլալէ առաջ։ Ու Տարօնցիին շունչին մէջ կը զգաս այդ ոգիին ջերմութիւնը, բոյրը, շարժը։

Հայուն ազգային դիմագիծերը գտնելու համար պէտք է մօտենալ Տարօնցիին։

Մանկութեանս Պոլսոյ մէջ առիթը ունեցած էի տեսնելու հազար տեղէ եկած Հայեր։ Տղու բնազդս, սակայն, իրական Հայաստանցին կ’ընդունէր Տարօնցին։

Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ այդ միամիտ, յամառ, քաղցր ու կտրիճ Տարօնցիին կուրծքին տակ կ’ապրի արծիւ մը, որ թշնամին է բոլոր օձերուն։

Մանկութենէս մինչեւ հիմա յուսախաբութեան չար քամին ինչե՜ր թափեց գիտակցութեանս առջեւ։ Տարօնցին զիս յուսախաբ չըրաւ։ Ընդհակառակն, որքան ճանչցայ զինքը, ան աւելի բարձրացաւ։ Իր պատմութիւնով, իր դիւցազնավէպերով, իր երգ ու պարով, իր ձայնով եւ, իբր հարազատ հայկական ծառ, պահած աւանդապաշտութեամբ, իր արմատներուն կենսունակութիւնը, իր տոհմական ոճը, իր հայրենի աւիշը, իր որդան կարմիրը եւ մշտադալար կանանչութիւնը։

Շնորհալի գիժն է Տարօնցին` վարձատրուած Ս. Կարապետէն։ Իր միակ լարախաղացութիւնը սուրբին անունով կ’ընէ։

Յամառ է Տարօնցին։ Ադամանդը կը փշրուի` իր յամառութեան զարնուելով։

Փեթակի մը կը նմանի։ Անզգուշ շարժում մը ու կը խայթուիս, եւ սակայն, աւելի մօտենալով, կը գտնես անմահական մեղր։

Իր հոգիին մէջ խօսքեր կան, այդ խօսքերէն դուրս ոչ մէկ խօսք չի լսեր։ Իր հոգիին մէջ պատկերներ կան, այդ պատկերներէն դուրս ոչ մէկ պատկեր չի տեսներ։ Իր էութեան մէջ տարածուած է Տարօնը։ Անկէ դուրս հայրենիք դժուարին կուգայ ըմբռնել։ Ան կ’ըսէ.

Ա՜հ, մըր սարեր, մըր հողեր, մըր քարեր, մըր աշխարհ…

Անիկա կ’ըսէ նաեւ, նոր օրերու ուխտով մը.

Զիմ հայ անուն կ’ուզիմ պահիմ, էնով ապրիմ, էնով լէ մեռնիմ։

Վա՜յ անոր, որ փետուրի մը շուքով կը դպի իր ազգային սրբութեան։ Տարօնցին կ’ալեկոծի` իբր ծով դիւրաբորբոք եւ ապառաժները կը սկսի աղալ։

Տարօնցիին լեզուն լեռները պատմուճանող ծաղիկներն են, որուն մէջ մարդ արբեցումէ արբեցում կը թաւալի։ Տարօնցիին պարը այդ ծաղկաստանին հովն է, իր երգը՝ Աստղիկի բերնէն առնուած սրինգն է։

Անշուշտ, Տարօնցին անթերի էակ մը չէ։

Ունի նեղութիւններ իր հոգիին մէջ։

Իր մտքին մէջ` նեղութիւնը ազգութեան գաղափարապատկերին։

Իր կուրծքին տակ նեղութիւնը հայրենիքի քարտէսին։

Ու նեղութենէն՝ խաղերը «Տարօն» բառին վերջաւորութեան. Տարօնական, Տարօնականութիւն։

Եւ նեղութենէն ամլութիւնը` տալու արծուիկներ, նոր սերունդին մէջ։

Այս ընթացքով օր մը Ազգն է, որ կրնայ ըսել.

Լաօ, Տարօնցիին համար մեռանք, կորանք, ու Տարօնցին մեզ մոռցաւ։

Իրաւացի պիտի ըլլայ այս դատապարտութիւնը, քանզի ազգապահպանումին խորքին մէջ մեծ մասով տարօնապահպանումը կայ։ Մեր պահել ուզած գիրն ու լեզուն, պատմութիւնն ու հէքեաթը, երգն ու պարը եւ ուխտն ու հոգին Տարօնցիինն է առաւելապէս։

Ան է հնօրեայ գանձապահը դարերէն եկող մեր հարստութեան։

Թող լայն ըլլայ իր արիւնին կանանչը մեր մէջ։

Եա Մշոյ Սուլթան Սըբ Կարապետ։



[1]        Տարօնցի կարճօրէն ըսելով՝ նկատի ունեցած ենք Տարօն-Տուրուբերանի եւ Սալնոյ Ձորի մեր ամբողջ հայրենակիցները։