ԱՆԳԼԻԱՑԻ
ԳՐՈՂ
ՈՒ
ՀԱՅ
ԳՐՈՂ
Ամպուազ
հասնելուս
հետեւեալ
օրը
տանտիրուհիս,
ըստ
օրինի,
տպուած
ցուցակ-հարցարանը
ներկայացուց
ինծի,
որպէսզի
լեցնեմ։
Նշանակեցի
անունս,
մականունս,
ծննդավայրս,
ծննդեան
թուականս,
ազգութիւնս,
զբաղումս,
ինքնութեան
թուղթի
թիւս,
փարիզեան
հասցէս
եւայլն։
Տանտիրուհիս,
որ
գլխուս
վերեւ
կեցած
էր,
աչք
մը
նետելէ
վերջ
բացագանչեց.
—
Բայց,
պարոն,
գրո՞ղ
էք
դուք…
—
Այո՛,
տիկին,
գրող
եմ։
—
Ի՜նչ
կ’ըսէք…
ուրեմն,
ահագին
դրամ
կը
շահիք…
—
Գրող
եմ,
սակայն
հայերէն
գրող։
Ֆրանսացի
գրողներն
են,
որ
հիմա
լաւ
կը
շահին։
Համոզուեցայ,
որ
տանտիրուհին
տարհամոզել
անկարելի
է։
Ան
զիս
հարուստի
տեղ
դնել
սկսած
էր։
Որպէսզի
այլապէս
ջրեմ
իր
համոզումը,
ըսի.
—
Աւա՜ղ,
տիկին,
ես
աննշան,
ես
անտաղանդ,
ես
խեղճ
գրող
մըն
եմ։
—
Օ՜,
վստահ
եղէք,
մէկ-երկու
տարիէն
դուք
ալ
նշանաւոր,
տաղանդաւոր
ու
հարուստ
պիտի
ըլլաք։
Ի՜նչ
լաւ
գործ,
ի՜նչ
լաւ
գործ։
Գիտէ՞ք,
պարոն,
իմ
վարձակալներուս
մէջ
ուրիշ
գրող
մըն
ալ
կայ։
Անգլիացի
մըն
է,
իր
սիրուհիին
հետ։
Առաջին
առթիւ
ձեզի
կը
ներկայացնեմ։
Առատաձեռն,
քաղաքավար,
շատ
ազնիւ
երիտասարդ
մըն
է։
Շատ
գոհ
պիտի
ըլլայ։
—
Իսկ
ես
շատ
գոհ
կ’ըլլամ,
եթէ
չներկայացնէք
զիս։
—
Բայց
ինչո՞ւ,
պարոն,
ի՞նչ
պատճառով։
—
Անպատճառ
ան
մեծ
գրող
մըն
է,
նշանաւոր,
մեծ
գումարներ
շահող
մանաւանդ։
Ես
պիտի
ամչնամ
իրեն
հետ
խօսելու։
Ատկէ
զատ
անիկա
անպատճառ
զարգացած
անձ
մըն
է,
մինչդեռ
ես
հասարակ
տգէտին
մէկն
եմ։
Կայ
տակաւին
ուրիշ
պարագայ
մը.
ես
անգլերէն
ալ
չեմ
գիտեր։
—
Ան
ֆրանսերէն
բաւական
կը
խօսի։
Պիտի
ներկայացնեմ։
Երկու
օր
վերջ
ո՛չ
միայն
անգլիացի
գրողը
այլ
նաեւ
ամբողջ
քաղաքը
գիտէր,
որ
հայ
գրող
մը
ժամանած
է։
Ու
ծանօթացուց
զիս
անգլիացի
գրողին
հետ։
Անգլիացին,
իր
սիրուհիին
հետ
ամէն
օր
ճամբորդութեան
մէջ
էր,
գինովութեան
մէջ,
ճաշկերոյթի
մէջ,
նաւակի
մէջ,
հաճոյքի
եւ
զեղխութեան
մէջ։
Միշտ
աչքերուս
կը
նայէր
ժպտելով
ու
կը
բարեւէր։
Օր
մը
պատուհանիս
առջեւ
եկաւ,
ներս
հրաւիրեցի
զինքը։
Քիչ
մը
խմած
էր
ու
ներսէն
դուրսէն
սկսաւ
խօսիլ.
—
Հրատարակչական
ընկերութեան
մը
հետ
պայմանագրուած
եմ։
Երկու
ամիսը
անգամ
մը
վէպ
մը
կը
գրեմ
ու
կը
յանձնեմ։
Տարին
հինգ
վէպ։
Երկու
ամիս
արձակուրդ։
Ամէնն
ալ
շուտով
կը
սպառին։
Տարին
160,
000
ֆրանք
միայն
հրատարակիչէս
կը
ստանամ։
Գրելու
մեծ
դիւրութիւն
չունիմ։
Աւելի,
քան
կրկինը
կրնայի
շահիլ,
եթէ
այդ
դիւրութիւնը
ունենայի։
—
Ի՞նչ
նիւթերու
մասին
կը
գրէք։
—
Ես
ոստիկանական,
ոճրագործական,
աւազակային,
խորհրդաւոր
վէպեր
կը
գրեմ։
Ինչպէս
ըսի,
երեք
տարի
է,
որ
սկսած
եմ
այս
գործը։
Յիմար
եմ
եղեր
անկէ
առաջ։
Առաջին
վէպիս
նիւթն
էր
աղջիկ
մը,
որ
սիրահարուած
է
գաղտնի
ոստիկանի
մը։
Երկրորդ
վէպիս
նիւթն
էր
ուրիշ
աղջիկ
մը,
որ
սիրահարուած
է
աւազակապետի
մը։
Երրորդ
վէպիս
նիւթն
էր
տիկին
մը,
որ
սիրահարուած
է
միանգամայն
ոստիկանապետի
մը
եւ
անոր
հակառակորդ
ոճրագործի
մը։
Չորրորդ
վէպիս
նիւթն
էր
աղջիկ
մը,
որ
խենթի
պէս
սիրահարուած
է
գողի
մը
տղուն։
Հինգերորդ
վէպիս
նիւթն
էր
դպրոցական
աղջիկ
մը,
որ
սիրահարուած
է
ոստիկանի
մը։
Վեցերորդ
վէպիս
նիւթն
էր
մայրապետ
մը,
որ
սիրտ
տուած
է
արիւնկզակ
աւազակի
մը։
Եօթներորդ
վէպիս
նիւթն
էր
քսակահատ
մը,
որ
սիրահարուած
է
գաղտնի
ոստիկանի
մը
աղջկան։
Ութերորդ
վէպիս
նիւթն
էր
ոստիկանի
մը
աղջիկը,
որ
սիրահարուած
է
խաչագողի
մը։
Իններորդ
վէպիս
նիւթն
էր
ոճրագործ
մը,
որ
սիրահարուած
է
իր
զոհին
աղջկան։
Տասներորդ
վէպիս
նիւթն
էր
ոստիկանի
մը
շունը,
որ
սիրահարուած
էր
մարդասպանի
մը
շանը։
Տասնըմէկերորդ
վէպիս
նիւթն
էր
գաղտնի
ոստիկան
մը,
որ
սիրահարուած
է
գող
կնոջ
մը։
Տասներկուերորդ
վէպիս
նւթն
էր
ոստիկանապետի
մը
կինը,
որ
սիրահարուած
է
վարդապետի
մը,
մաքսանենգի
մը
եւ
ծովահէնի
մը,
միաժամանակ։
Տասներեքերորդ
վէպիս
նիւթն
էր
ոստիկան
մը
եւ
գող
մը,
որոնք
սիրահարուած
են
միեւնոյն
կնոջ։
Տասնըչորրորդ
վէպիս
նիւթն
էր
դատական
նախարարի
մը
աղջիկը,
որ
սիրահարուած
է
գողի
մը
եւ
նոյն
գողին
տղուն։
—
Ձեր
յաջորդ
վէպին
նիւթը
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ…
—
Խիստ
ինքնատիպ
բան
մը։
Ոստիկան
մը,
որ
սիրահարուած
պիտի
ըլլայ
գողի
մը…
—
Ի՞նչ…
—
Կամ
գող
մը,
որ
սիրահարուած
է
ոստիկանի
մը…
—
Իսկ
անկէ
վերջը
գալիք
վէպին
նի՞ւթը…
—
Զգայացունց
բան
մըն
է։
Երկու
գաղտնի
ոստիկան
եւ
երկու
աւազակ`
սիրահարուած
մէկը
միւսին
կնոջ։
Այսպէս՝
առաջին
գողը
սիրահարուած
է
երկրորդ
ոստիկանին
կնոջը,
երկրորդ
գողը
սիրահարուած
է
առաջին
գողին
կնոջը։
Իսկ
չորս
կիները,
իրենց
կարգին,
սիրահարուած
են
մարդու
մը`
աշխարհահռչակ
կռփամարտիկի
մը։
Կիներուն
սէրը
մէջտեղ
կ’ելլէ
ու
երկու
ոստիկաններն
եւ
երկու
գողերը
դաշնակցած,
նեղ
տեղ
մը,
կը
բռնեն
կռփամարտիկը։
Ահռելի
կռիւ։
Կռփամարտիկը
չորս
հոգիի
դէմ
ու
յաղթական
է։
Վերջին
պահուն,
սակայն,
գետինը
տապալած
գողերէն
մին,
դժուարաւ
ոտքի
ելլելով,
շիշ
մը
կը
զարնէ
կռփամարտիկին
գլխուն,
որ
զգայազիրկ
կ’իյնայ
գետին։
Միւսները
անմիջապէս
կը
բռնեն
մարտիկը
ու
կը
նետեն
գետը։
Կռփամարտիկը
ունէր
սիրուհի
մը,
որ
շարժանկարի
նշանաւոր
դերասանուհի
մըն
է։
Արուեստագիտուհին
կը
փնտռէ
ու
փնտռել
կուտայ
իր
սիրահարը
ամիսներով։
Միլիոններ
կը
ծախսէ,
ահագին
իրարանցում,
հետքեր,
կասկածներ,
խորհրդաւորութիւն,
խուզարկութիւն
եւ,
սակայն,
ոճրագործները
չեն
բռնուիր։
Օր
մը
դերասանուհին
ծովուն
մէջ
լողացած
պահուն՝
դիպուածով
կը
գտնէ
իր
սիրահարին
դիակը։
Գաղտնի
ոստիկանուհիի
մը
նման
ինք
կը
լծուի
գործի`
օգնական
առնելով
քանի
մը
վարժ
գաղտնի
ոստիկաններ,
որոնց
մէջ
է
նաեւ
ոճրագործ
ոստիկաններէն
մին։
Ու
դաւադրութիւն։
Ոստիկանը
օր
մը
բլուրի
մը
վրայէն
վար
կը
հրէ
դերասանուհին,
որ
կ’իյնայ
եւ
կը
ջախջախուի
ժայռերու
վրայ։
Այդ
միջոցին
դերասանուհիին
եղբայրը,
Աւստրալիայէն
վերադարձած
ըլլալով,
գործի
կը
լծուի
եւ
ոճրագործ
գողերուն
եւ
ոստիկաններուն
կիներուն
մատնութեան
շնորհիւ
մէջտեղ
կը
հանէ
յանցագործները։
Զգայացունց
դատավարութիւն։
Դիմակները
վար
կ’առնուին,
արդարութիւնը
կը
գործադրուի
եւ
դերասանուհիին
Աւստրալիայէն
եկող
եղբայրը
կ’ամուսնանայ
առաջին
ոստիկանին
կնոջ
հետ
ու
քիչ
յետոյ
կը
սիրահարուի
առաջին
գողին
կնոջը,
տարի
մը
վերջ
կ’ամուսնալուծուի,
սիրուհին
ալ
կը
լքէ
ու
կը
նշանուի
երկրորդ
ոստիկանին
կնոջը
հետ`
խենթի
պէս
սիրահարուելով
երկրորդ
գողին
կնոջը։
Յոյս
ունիմ,
որ
այս
վէպս
առնուազն
մէկ
միլիոն
օրինակ
պիտի
տպուի։
Ի՞նչպէս
կը
գտնէք։
—
Կատարեալ,
գլուխգործոց
մը։
Ճարտարապետութիւն,
երեւակայութիւն,
թռիչք,
խորք,
գիւտ,
նրբութիւն,
զգացում։
Ամէն
ինչ
կայ։
Կատարելութիւն
մըն
է։
Պէտք
է,
որ
մէկ
միլիոնէ
աւելի
ծախուի
այսպիսի
գեղարուեստական
բարձր
ստեղծագործութիւն
մը։
—
Մի
մոռնաք,
որ
դեռ
երեք
տարուան
գրող
եմ։
Երեք
տարի
վերջը
յաջողութիւնս
մեծ
պիտի
ըլլայ,
ու
ես`
միլիոնատէր։
—
Կասկած
չունիմ։
—
Իսկ
դուք
ի՞նչ
կը
շահիք…
Ի՞նչ
սուտ
խօսէի,
Աստուած
իմ,
ի՞նչ
սուտ…
Մատիտը
առի
ու
թերթի
մը
վրայ
գրեցի
հինգ
հազար։
Անգլիացի
գրողը
աչքերը
բացաւ
եւ
ըսաւ.
—
Օրակա՞ն,
շաբաթակա՞ն,
թէ
ամսական…
Ասոր
ի՞նչ
ըսէի։
Նետեցի.
—
Ամսական։
—
Ի՞նչ
կ’ըսէք։
Այդքան
քի՞չ,
այդքան
քի՞չ…
Եւ
ինձմէ
աւելի
հին
գրող
մը
ըլլալով։
Երեւակայեցէք,
որ
երեք
տարի
առաջ
Լոնտոնի
փողոցներուն
մէջ
լուցկի
կը
ծախէի
ես
ու
հիմա
տարեկան
160,
000
կը
շահիմ։
Իսկ
դուք…
Ահաւոր
է
մեր
մէջ
եղած
տարբերութիւնը։
—
Տարբերութիւնը
այնքան
ալ
մեծ
չէ։
Դուք
երեք
տարի
առաջ
լուցկի
կը
ծախէք
եղեր
փողոցները։
Ես
ալ
երեք
տարի
վերջը
պիտի
պարտաւորուիմ
լուցկի
ծախել։