ՉԷՆԿԻԼԵՐՑԻՆ
Հարցուցի
ներսը
նստած
բարեկամիս.
—
Ի՞նչ
է
կարծիքդ
Չէնկիլերցիին
մասին։
—
Չէնկիլերցի՞ն։
Նշանաւոր
է
ականաւորներու
մէջ։
Եթէ
ուրիշներ
քարէն
հաց
կը
հանեն,
ան
ատիկա
ընելէն
զատ,
գիտէ
հացէն
ալ
քար
հանել
ու
անով
պայթեցնել
գլուխ
մը։
Եթէ
Լիկուրգոսի
օրէնսդրութենէն
որոշ
մասեր
ի
պատուի
ըլլային՝
Չէնկիլերցին
իր
տան
պատերը
կրնար
սրահակել
պատուանշաններով։
Աւանդութիւնը
կ’ըսէ,
թէ
Չէնկիլերի
հիմնադիրն
է
Գող
Վասիլ։
Ապահովագրական
ընկերութիւնները
Չէնկիլերցի
գտնուող
թաղի
մը
մէջ
մարդ
չեն
ապահովագրեր,
որ
եւ
է
բանի
դէմ։
Երբ
առարկայ
մը
կորսնցնեմ,
անմիջապէս
հիւր
կ’երթամ
Չէնկիլերցիի
տուները։
Եթէ
Չէնկիլերցիին
բան
մը
տաս,
բնաւ
չի
կորսուիր,
միշտ
իր
քով
կը
մնայ։
Չէնկիլերցին
շատ
կը
սիրէ
բարձունքը
եւ
մաքուր
օդը.
այդ
պատճառով
միշտ
կը
փափաքի
շրջիլ
լեռան
վրայ։
Եալախ
Տէրէէն
Օրթագիւղ,
անկէ
Իզմիտ,
Պոլիս
ու
Փարիզ
իր
կեանքը
համակ
շարժում
է
եղած։
Սիրելի
է
իրեն
երթալ-գալը,
առնել-տանիլը։
Ուտող
խմող
է,
սակայն,
կը
խոստովանի,
որ
ուրիշին
ուտելիքը
եւ
խմելիքը
աւելի
համով
է։
Այդ
պատճառով
յաճախ
կ’ուտէ,
կը
խմէ
ուրիշէն,
առնականօրէն։
Պատասխանեցի
բարեկամիս.
—
Խօսքերուդ
մէջ
քիչ
է
ելեքտրականութիւնը։
Կոճակ
ընելու
տեղ՝
կոխէ
ելեքտրական
կոճակին
վրայ։
—
Ահա…ես
կ’ամբաստանեմ
զինքը։
—
Ես
ալ
քեզ
կ’ամբաստանեմ։
Չէնկիլերցին
համով-հոտով
մարդ
մըն
է։
Իրապաշտ
է
ու
ներկայապաշտ։
Այս
աշխարհիս,
այս
դարուս
մարդն
է։
Գիտէ
ժամանակին
հետ
քալել,
շատ
անգամ`
ժամանակին
վրայ
հեծած։
Անիկա
իր
նախընտրած
ասպարէզին
մէջ
միշտ
ասպետ
է։
Եթէ
զինքը
հայ
Սպարդացիի
տեղ
դնելով՝
կ’ուզես
ըսել,
թէ
գող
է,
մի՛
մոռնար,
որ
ան
գողցած
է
միայն
գողերէն։
Ուրեմն
գողերուն
արդար
պատուհասն
է։
Եւ
որովհետեւ
ամէն
մարդ,
առաւել
կամ
նուազ,
գող
է,
Չէնկիլերցին
ատիկա
քաջ
գիտնալով,
ամէնէն
ալ
կը
գողնայ`
բոլորն
ալ
պատժելու
համար։
Ինք
պարզապէս
երկնառաք
պատժարար
մըն
է։
Ահաւոր
է
թիւրիմացութիւնդ,
երբ
կը
կարծես,
որ
ան
ազնիւ
ու
ազնուական
չէ։
Դուրսէն
աղջիկ
չառներ
ու
գրեթէ
դուրսը
աղջիկ
չի
տար,
որպէսզի
չռամկանայ
իր
արիւնը։
Եթէ
բոլոր
Հայերը
իրեն
նման
ըլլային,
ազգը
այս
վիճակին
մէջ
չէր
ըլլար
այսօր։
Կը
նախընտրեմ
առնողը,
քան
խնդրողը։
Ներսը
նստող
բարեկամս
ըսաւ.
—
Ես
ներսէն
քննած
եմ
ամէն
բան,
իսկ
դուն`
դուրսէն…
—
Եղբայր,
գիտեմ,
որ
ներքին
քննութիւն
մը
աւելի
արժէք
կը
ներկայացնէ,
սակայն,
Չէնկիլերցիին
ամէն
բանը
դուրսն
է։
Չէնկիլերցին
պէտք
է
դուրսէն
քննել,
որովհետեւ
իր
ներսը
դուրս
տուած
է։
Ներսը
նստած
բարեկամս
լռած
էր։
Նայեցայ,
որ
կը
խուզարկէ
գրպանները։
Հարցուցի.
—
Ի՞նչ
կայ,
ինչո՞ւ
կը
խուզարկես
գրպաններդ…
Ըսաւ.
—
Կը
նայիմ,
որ
ամէն
բան
տե՞ղն
է։
Կասկած
ունեցայ,
քանզի
Չէնկիլերցիի
խօսք
եղաւ…
Այս
արդէն
չափազանցութիւն
էր։
«Մարդուս
անունը
ելլելուն՝
աչքը
ելլէ»,
-
կ’ըսէ
ժողովուրդը։
Սակայն
երբեք
պիտի
չփափաքէի,
որ
Չէնկիլերցիին
աչքը
ելլէ։
Թող
որ,
եթէ
նոյնիսկ
ելլէ,
Չէնկիլերցին
կրնայ
շուտով
մէկուն
բիբը
թռցնել
եւ
դնել
իր
ելած
աչքին
տեղը։
*
Եթէ
դուրսէն
իրեն
նայիս,
Չէնկիլերցին
կը
նմանի
գինովի,
իսկ
եթէ
ներսէն
իրեն
նայիս,
Չէնկիլերցին
կը
նմանի
գինետունի։
Եթէ
դուրսէն
իրեն
նայիս,
կը
տեսնես,
որ
Չէնկիլերցիին
մէջ
շատ
զօրաւոր
է
հայրենակցական
կապը.
եթէ
իրեններէն
մէկը
հիւանդանայ,
ամէն
ճիգ
ի
գործ
կը
դնէ`
պառկողը
ոտքի
հանելու
համար։
Իսկ
եթէ
ներսէն
իրեն
նայիս,
կը
տեսնես,
որ
ամէն
կապ
զօրաւոր
է
իր
մէջ։
Կը
տեսնես
նաեւ,
որ
իր
հիւանդ
պառկած
հայրենակիցը
ոտքի
հանելէն
վերջ,
կը
ջանայ
զայն
պարկը
խոթել,
որպէսզի
ա՛լ
բնաւ
պաղ
չառնէ։
Եթէ
դուրսէն
իրեն
նայիս,
կը
տեսնես,
որ
տուն
շինող
է,
թէեւ
տունն
ի
վեր
չէ։
Իսկ
եթէ
ներսէն
իրեն
նայիս,
կը
տեսնես,
որ
տունիվեր
է,
սակայն
երբ
տունը
ուրիշինն
է։
Վերջապէս
հրաշագործ
արարած
մըն
է
մեր
ասպետական
Չէնկիլերցին,
որ
երբեք
ոչխարի
կաթ
չէ
խմած,
այլ
ըմպած
է
գայլի
կամ
առիւծի
կաթեր։
Հակառակ
հրաշագործ
ըլլալուն`
անշուշտ,
չի
կրնար
տեղէն
շարժել
լեռները,
թէեւ
կրնայ
քալեցնել
լեռնակուտակ
ապրանքներ։
*
Ֆրանսացի
գրչակին
մէկը
անգամ
մը
Ալֆորվիլ
քննական
պտոյտի
մը
գացած
ու
անհեթեթութիւն
մը
ստորագրած
էր։
Չէնկիլերցիները
պատասխանեցին
գրողին
հետեւեալ
վերջաբանով.
—
Մենք
քննուելիքներ
չենք,
մենք
քննողներ
ենք։
Եկէր
որ
պէտք
ըլլայ,
մենք
քու
հոգիդ
ու
մարմինդ
լաւ
կը
քննենք,
ա՜յ
օղուլ,
խաս
տղայ…
*
Եթէ
մէկը
Չէնկիլերցիին
հարցնէ
իր
ուրտեղացի
ըլլալը՝
կ’ընդունի
հետեւեալ
պատասխանը.
—
Պրուսացի
եմ։
Պատճա՞ռը.
համեստութի՜ւն։
Կ’ուզէ
սքօղել
իր
մեծ
համբաւը
Պրուսայի
թուզի
տերեւներուն
տակ։
*
Իբրեւ
բնորոշ
պատկեր`
կ’ուրուագծեմ
երկու
փոքրիկ
տեսարան,
որոնց
հանդիսատես
եւ
ականջալուր
եմ
եղած։
Չէնկիլերցի
հայր
մը
իրիկուն
մը
կ’ըսէր
իր
տղուն.
—
Դպրոցին
մէջ
Սպարտայի
պատմութեան
դաս
կուտա՞ն։
—
Ո՛չ։
—
Ատ
ինչ
անպիտան
դպրոց
է։
—
Չերթամ
ալ
կ’ըլլայ,
հայրիկ։
—
Վաղը
քեզի
դպրոց
պիտի
չղրկեմ
բայց…
(ծռեցաւ
ու
խօսքին
մնացեալը
ըսաւ
տղուն
ականջէն)։
Նոյն
հայրը
հետեւեալ
օր`
կէս
օրին,
կը
ծեծէր
իր
տղան։
Դրացի
հայրենակից
մը
հարցուց
տփոցին
պատճառը։
Հայրը
պատասխանեց.
—
Ի՜նչպէս
չծեծեմ։
Դպրոց
երթալու
տեղ
գնա
տասը-քսան
քիլօ
բաթաթէս
գողցիր`
ըսի,
ու
ան
գացեր
փողոցները
խաղացեր
է։
Ու
դրացին
յուզումով.
—
Ա՜խ,
ա՜խ,
Սէրգիս
աղբար,
մեր
Չէնկիլերցի
տղաքը
ա՛լ
յարգած
չունին
մեր
աւանդութիւնները։
Անոնք
այլասերիլ
սկսան։
*
Ո՛չ,
Չէնկիլերցին
չայլասերիր
ու
չի
կլլուիր
ոչ
մէկ
ազգի
կողմէ։
Զինքը
կլլողին
կոկորդը
կը
մնայ
Չէնկիլերցին։
Ատեն
մը
կը
հաստատուի
զինքը
կլլողին
կոկորդին
մէջ,
իր
դիմադրական
եւ
այլ
մասնագիտական
կարողութիւններով
կը
սկսի
գործի։
Կը
քաշէ
զինքը
կլլողին
ակռաները,
մանաւանդ
երբ
անոնք
ոսկեպատ
են,
կը
կապէ
զինքը
կլլողին
լեզուն
եւ
անոր
գլուխէն
մուխ
կը
հանէ։
Զինքը
կլլողին
կոկորդին
մէջ
նտած
կը
կլլէ
ամէն
ինչ
ու
կը
սկսի
երգել
իր
հայրենակից
Մեզպուրեանի
«Ո՜վ
մեծասքանչ»ը։
Յետոյ
կ’իջնէ
վար,
զինքը
կլլողին
կոկորդէն
ու
իրմէ
առաջ
իրապէս
կլլուածները
կը
խուզարկէ`
ստամոքսները
թեթեւցնելով։
Կը
պատռէ
զինքը
կլլողին
լեղին
ու
կը
բարձրանայ`
զինքը
կլլողին
խելքը
գլխէն
թռցնելով։
Չէնկիլերցիին
հետ
խօսիլ,
խնդալ,
խմել
կ’ըլլայ,
խեղդել,
խաշել,
խածնել
կ’ըլլայ,
խորել,
խորանալ
ալ
շատ
լաւ
կ’ըլլայ,
սակայն
իրեն
հետ
խաղալ
չըլլար։