Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Նոյն օրն իսկ Մաթէրնիթէէն վերադարձին Պուլըվառ Բօռ-Ռոյալի վրայ Էվա Սատարօֆի հանդիպեցաւ։ Անոր դիմագիծերը աւելի խստացած էին կարծես եւ սեւ մօրուքը աւելի որոշապէս կ’անջատուէր տժգոյն դէմքին վրայ. յոգնած շարժումով մը ձեռքը երկնցուց Էվաին երբ նոյն միջոցին իսկ գոհունակութեան ժպիտ մը կ’ուրուագծուէր դէմքին վրայ թեթեւ մը մեղմացնելով անոր արտայայտութիւնը։

Այսպէս, Տիկին Էվա. վերսկսաք ձեր կաթը առնելու. շատ ուրախ եմ։

Իրարու հետ պահ մը խօսեցան ընդհատուած երկայն լռութիւններով որուն միջոցին իրարու կը նայէին չկրնելով խօսք մը արտասանել եւ փոխադարձաբար անհանգիստ՝ իրենց դրութենէն։

Պզտիկը աղէկ է՞. Անտռէ՞ն...

Բառերը դժուարաւ կը հնչէին, բայց այս վերջին հարցերը թելադրիչ եղան Էվաին եւ մէկէն սկսաւ խօսիլ շտապելով։ Սատարօֆ լսելով Անտռէի տկարութեան նկարագրութիւնը հետզհետէ յօնքերը կը պռստէր եւ ճակատին մէջտեղէն ուղիղ խորշոմ մը կ’ակօսուէր, առանց բան մը պատասխանելու ժամացոյցը նայեցաւ եւ քիչ մը մտածելէ ետքը ըսաւ Էվաին.

Դեռ քիչ մը ժամանակ ունիմ Տիկին Էվա, կրնամ ձեզի հետ գալ։

Պուլըվառին վրայէն կը յառաջանային. երբեմն Էվա կը հարցնէր անձկանօք։

Կը կարծէ՞ք որ ծանր բան մը ըլլայ։

Չեմ գիտեր, Տիկին, պէտք է տեսնեմ։

Ավընիւ տէ Կոպըլէնի վրայ Էվա ստիպուեցաւ կենալ մանր մունր բաներ գնելու իրենց ճաշին համար, խանութներուն դրանը առաջք Սատարօֆ կը սպասէր մտածկոտ երեւոյթով մը եւ ամէն անգամ որ Էվա իր քովը կը վերադառնար, յանկարծակի սթափելու երեւոյթ մը կ’առնէր եւ կը շարունակէր ճամբան անշշուկ. Էվա մէկ կողմէն վարժուած բարեկամին տարօրինակ ձեւերուն միւս կողմէն ինքն ալ զբաղուած զանազան մտահոգութիւններէ, ուշադրութիւն չըրաւ Սատարօֆին։ Այսպէս հասան մինչեւ Սիբիօն փողոցը եւ Էվաի բնակած տանը սանդուղներուն վրայ միայն Սատարօֆ հարցուց դանակի պէս հատու ձայնով մը.

Այս օրերս ծանօթներէն մարդ տեսա՞ք։

Այս առաւօտ միայն Ալէքսանտրը հանդիպեցաւ վայրկեան մը։

Սատարօֆ պահ մը վարանեցաւ եւ ետին կը նայէր արդէն բարձրացած աստիճաններուն, մէկէն կորովի ձեւով մը գլուխը դարձուց եւ վազեց դէպ ի վեցերորդը։

Էվա դեռ սանդուղներուն վրայ շնչասպառ՝ լսեց իրենց սենեակին բացուիլը եւ աղջկանը լալու աղմուկը, միեւնոյն ատեն Անտռէի խռպոտ ձայնը որ հեռուէն աւելի խեղդուկ՝ բոլորովին չարագուշակ հանգամանք մը ունէր։ Էվա աւելի շտապով բարձրացաւ մնացած յարկերը եւ երբ իր սենեակը հասաւ, տեսաւ Անտռէն որ շարժումներով կը խօսէր, յաճախ ընդհատուելու ստիպուած, անկողնէն ելեր էր արդէն եւ կէս մը հագուած կը պտտկէր սենեակին մէջ, ջղագրգիռ, սրտնեղ։ Ջերմոցը վառուած էր բարեբաղդաբար եւ Էվա հազիւ թէ իր բեռէն թեթեւցած՝ տղեկը առաւ գիրկը եւ նստաւ ջերմոցին մօտիկ, աչքերովը Սատարօֆը հարցափորձելով։ Անիկա անթափանցելի արտայայտութիւն մը ունէր որ աւելի վախ ազդեց Էվաին եւ ինքն ալ ջղոտցած՝ չէր գիտէր ըրած շարժումները եւ կ’ուշանար տղուն կաթը տալու։ Մանկիկը միշտ կուլար եւ ասոր վրայ այր ու կին անհամբեր եւ սրտնեղ խօսքեր փոխանակեցին։ Անտռէ մանաւանդ առանց գիտնալու չարաչար կը վիրաւորէր իր կինը։

Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ ունիս այսքան ուշ մնալու. ժամը մէկն է արդէն։

Բայց բարեկամբ, սպասցուցին ինծի։

Թող չսպասէիր... վերջապէս, չես կրնար ինծի հաւատցնել թէ կաթին համար մնացիր մինչեւ հիմա։

Որո՞ւ համար կը կարծեսթէ Մաթէրնիթէն մնացած ըլլամ մինչեւ հիմա։

Անտռէ չպատասխանեց, տեսնելով արդէն կնոջը աչքերը լեցուած. Սատարօֆ առանց միջամտելու մտիկ կ’ընէր եւ կարծես չէր հասկնար ըսուած խօսքերուն նշանակութիւնը։ Երբ պզտիկը վերջապէս հանդարտեցաւ, Սատարօֆ մանրամասնաբար հարցուց Անտռէին զգացած ցաւերը եւ տկարութիւնները։ Երբեմն գլուխը կը ցնցէր եւ մտահոգութեամբ մը կը նայէր անոր տենդագին աչքերուն. քան մը անգամ հազը խեղդեց Անտռէի պատասխանը որու միջոցին Էվա եւ Սատարօֆ իրարու կը նայէին սեւեռած եւ անհանգիստ նայուածքով մը. մէկէն Անտռէ ուժգին շարժումով մը շապիկին կոճակները քակեց եւ կուրծքը բացաւ. ու շնչասպառ, առանց խօսքի ձեռքերը դրաւ կուրծքին վրայ ու ծռեցաւ բոլոր հասակովը, դէմքը ծամածռելով ուժով ցաւի մը ազդեցութեան ներքեւ։

Անտռէ, կուրծքդ գոցէ, պիտի մսիս։

Ախ, չէ, չէ, բոլոր ասոնք կը ճնշեն կոր կուրծքս, ալ չեմ կրնար, չեմ կրնար։

Սատարօֆ տեսնելով որ իր հարցումները զայն կը ջղագրգռէին եւ չափազանց կը յոգնէր պատասխանելու համար, դադրեցաւ ուղղակի խօսք ուղղելէ։ Պահ մը ամէնքն ալ լուռ մնացին եւ մեքենաբար կը լսէին թոք ը որ կը վառէր ջերմոցին մէջ, կտրուկ եւ չոր աղմուկով մը։

Անկողինին եզերքին նստած Անտռէ գողունի նայուածքներ կ’ուղղէր թէ կնոջը եւ թէ Սատարօֆին, անոնց դէմքին վրայէն կարդալու համար կարծես իրեն դատապարտութիւնը. մէկէն կռնակին վրայ իյնալով սկսաւ խնդալ, չար, ջղագրգիշ խնդուածքով մը, եւ երբ Էվա եւ Մատարօֆ զայն վերցուցին այտերը ողողուած տեսան արցունքներով։ Այսպէս ատեն մը անցաւ լալու եւ խնդալու փոփոխակի տագնապներու մէջ, որուն միջոցին դէմքին մկանունքները կը կծկուէին եւ անհասկնալի բառեր յարտասանէր որոնց նշանակութիւնը կը հասկնային միմիայն անոր աչքերուն սարսափի արտայայտութէնէն։

Դժուարաւ կրցան զինքը հանդարտեցնել մինչեւ որ յաջողեցան վերջապէս հանուըցնել եւ անկողինը դնել։ Քիչ մը ատենէն անիկա թաղուեցաւ կէս քունի թմրութեան մը մէջ որուն միջոցին Էվա եւ Սատարօֆ ցած ձայնով կը խօսակցէին. հետզհետէ Էվաի դէմքը իր կարգին վախի, ըմբոստացումի եւ համակերպութեան արտայայտութիւնները առաւ, երբեմն գլուխը կը կռթնցնէր վառարանին եւ խոր մտածումի մէջ կ’իյնար մինչեւ որ նորէն դէմքը մօտիկցնելով Սատարօֆին, իր կարգին կը խօսէր անոր, հազիւ ձայնը զսպելով եւ մեքենաբար շոյելով իր աղջկանը գլուխը որ գրկին մէջ տարածուած կը ժպտէր իր մօրը՝ յայտնի կերպով զուարճանալով անոր ուժգին շարժումներէն։

Վերջապէս հարկ եղաւ որ Սատարօֆ մեկնի. երբ ոտքի ելան սարսափով տեսան որ Անտռէ անկողինին մէջ գլուխը ցցած՝ իր աչքերը սեւեռած էր անոնց երկուքին վրայ, ու անոնք դիւային արտայայտութիւն մը ունէին, առանց նայուածքի առանց փայլի բիբերը անշարժ, դիակի մը աչքերուն պէս։ Երկուքը մէկանց պօռացին.

Անտռէ՛... ։

Անիկա չպատասխանեց եւ կռնակին վրայ ինկաւ անկողնին վրայ. եւ մինչ երկուքը դժուարաւ կը ջանային զայն ուշաբերելու, երբեմն կ’ըսէին իրարու, գրեթէ կը մրմնջէին.

Տեսա՞ր աչքերը։

Դուրսը՝ միայն սանդուղին գլուխը կրցան խօսիլ մինչեւ էվա կը հեծկլտար եւ Սատարօֆ կը համոզօր զայն։

Դուք չէք կրնար զայն խնամել, անկարելի է, պէտք է ճարը գտնել եւ զայն հիւանդանոց փոխադրել։

Ա՜խ, Պարոն Սատարօֆ, ինչպէ՞ս կարելի է։

Բայց Տիկին, անհրաժեշտութիւն մըն է այլեւս, վարանիլը աւելորդ է։

Պահ մը կեցաւ. յետոյ աւելցուց.

Բիթիէ հիւանդանոցին մէջ ներքին բժիշկ մը կը ճանչնամ, կ’երթամ կը խօսիմ, հոն կը փոխադրենք, ամէն օր կ’երթանք զինքը տեսնելու. ուրիշ ճար չկայ։

Քանի մը աստիճան սանդուղներէն իջած էր արդէն երբ նորէն Էվաին դարձաւ.

Քաջութի՛ւն, Տիկին Էվա, ես չեմ ուշանար գալու, ցտեսութիւն։

 

Յ. Գ. Նախորդ գլուխին մէջ սպրդած էին հետեւեալ վրիպակները. Էջ 453, Բ, սիւնակ, «կիները կը սիրեն ծեծ ունել»էն ետքը պետք է աւելցնել «ի՞նչ խենդ ըլլալու է ասանկ հրեշութիւններ ըսելու համար»։ Նոյն սիւնակին վրայ՝ «լսեցէք»ը կարդալ «լռեցէք», «խման»ը՝ «նման»։ Գ. սիւնակին վրայ «հարուածներուս»ը՝ «հարուածներուն», «գորտը»՝ «գործ»։ Իսկ 454 էջ, Բ. սիւնակին վրայ romanseը պէտք է ըլայ romance։