Ժ.
Շատ
գէշ
տպաւորութեան
ներքեւ
մեկնեցաւ
Սատարօֆ
Տիկին
Զանսքիի
տունէն,
հետզհետէ
քանի՛
իր
շուրջը
զուարթութիւնը
կը
շատնար,
այնքան
աւելի
խորունկ
կերպով
մտքին
մէջ
կը
ծանրանար
Էվաի
եւ
Անտռէի
յիշատակը
արդէն
իրարմէ
բաժնուած
գրեթէ.
անհոգ
խօսակցութիւնը,
Նատիաի
չափազանցուած
կարեկցութիւնները
եւ
մանաւանդ
Սօնիան
ջլախտաւոր
բարձունքները
զինքը
գրեթէ
կատղեցուցին.
երբեմն
երբեմն
թէյին
անուշահոտ
շոգին
ծծելով
շրթունքը
գաւաթին
եզերքին՝
կը
մնար
դիտելով,
գրեթէ
տարրալուծելով
ամէնուն
դէմքերը
մինչեւ
որ
Էվաի
ցաւագին
եւ
տժգոյն
երեւոյթը
ամէն
բան
կը
ծածկէր
իր
աչքերէն.
եւ
ասիկա
բոլորովին
ֆիզիքական
ցաւ
մը
դարձաւ
իր
մէջկ,
սուր
եւ
պատռող
ցաւ
մը՝
կարծես
նշդրակի
մը
հարուածին
ներքեւ։
Երբ
իր
մութ
եւ
ցուրտ
խցիկը
մտաւ՝
ջլատուած
եւ
յոգնած՝
միւս
կողմէ
խղճի
խայթը
ունենալով
երեկոյթը
ի
զուր
անցուցած
ըլլալուն,
արդէն
կէս
գիշերը
շատոնց
անցած
էր.
աչքերը
բաց
կը
մնային
մութին
մէջ,
կարծես
քունը
մերժելով
մինչ
ինքը
շտապով
մոմը
կը
վառէր
կարենալ
կարդալու
համար
եթէ
հարկ
ըլլար
մինչեւ
առաւօտ.
իր
սիրտն
ալ
ակօսուած
էր
հոգերէ
եւ
դառն
վիշտերէ
ու
ներքնապէս
կուլար
այնքա՛ն
յոյսերու
եւ
երջանկութեան
երազներու
կանխահոս
կորուստին
վրայ.
իր
դողդղացող
մատները
չէին
յաջողեր
մոմը
վառելու
եւ
լուցկիները
վայկեան
մը
փայլատակելէ
ետքը
կը
մարէին,
բայց
ինքը
այնքան
զբաղած
էր
իր
մտքին
ներկայացող
խնդիրներով
որ
չէր
անդրադառնար
իսկ
ասոր
եւ
մեքենաբար
կը
շարունակէր
լուցկիները
վառել.
յետոյ
գերագոյն
յուսահատութեան
շարժումը
ըրաւ
մէկու
մը
որ
ա՛լ
սպասելիք
չունի
կեանքին
մէջ.
այն
ատեն
իր
պարապ
հոգիին
մէջ
նորէն
Էվաին
պատկերը
ուրուագուեցաւ,
դողդոջուն
եւ
բեկբեկ
գիծերով,
գորովագին
եւ
զգայուն,
այնքան
փափուկ
զգայնութիւնով
մը
օժտուած՝
որ
հակառակ
իր
ծայրայեղ
թշուառութեանը՝
տպաւորութիւնը
կ’ընէր
դիւրաբեկ
եւ
տմոյն
ծաղիկի
մը,
պատրաստ
թառամելու
հովին
առաջին
փայփայանքին
ներքեւ։
Սատարօֆ
կը
գուշակէր
Էվայի
տկարութիւնները
Բրացի
համար
եւ
հակառակ
իր
ուղղամիտ
եւ
անաչառ
նկարագրին
ներողամիտ
խանդաղատանք
մը
կըզգար
Էվաի
նկատմամբ,
գիտնալով
թէ
որքան
անգիտակից
եւ
բուռն
մղում
մը
եղած
էր
այդ
սէրը՝
գերազանցապէս
անկեղծ
եւ
անդիմադրելի։
Իր
վերջին
բառը
մտքին
մէջ
եղաւ.
–
Խե՛ղճ
կինը։
Եւ
յետոյ
սարսափելի
հեռանկարը
ապագային
եթէ
Էվա
բոլորովին
մինակ
մնար
առանց
ընտանիքի,
Բարիլի
մէջ։
Այլ
եւս
կարծես
յուսահատած՝
մոմը
վառելու
Սատարօֆ
մութին
մէջ
հանուեցաւ
եւ
պառկեցաւ.
երկար
ատեն
մտքին
մէջ
թափառեցան
յեղյեղուկ
պատկերները
Նատիային,
իր
շրթունքներուն
զարմանալի
ծամածռութեամբը
որ
արգահատանքի
մշտատեւ
արտայայտութիւնը
կուտային
իրեն.
րոպէ
մը
Սօնիաի
ոսկեգոյն
մազերը
բոցավառեցան,
ու
Բրացն
ալ՝
իր
առիւծի
աչքերովը՝
վստահ
նայուածքովը,
մինչեւ
որ
նորէն
Էվա
երեւցաւ
իրեն
հետզհետէ
կորսուելով
տարտամութեան
մը
մէջ։
Առաւօտուն
առաջին
ժամուն
ընդոստ
արթնցաւ
Սատարօֆ.
հապճեպով
դրանը
կը
զարնէին.
մէկ
շարժումով
ցատկեց
անկողինէն
եւ
բոպիկ
ոտքերով
եկաւ
դոռը
կիսովին
բացաւ.
–
հեռագրատան
պաշտօնեայ
մը.
անհամբերութեամբ
Սատարօֆ
կապոյտ
տոմսը
յափշտակեց
եւ
կարդաց։
«Սիրելի
բարեկամս,
շուտով
եկէք,
Անտռէն
շատ
ծանր
հիւանդ
է,
Բիթիէ
էն
ինծի
կանչած
են
բայց
քաջութիւն
չունիմ
մինակս
երթալու.
կը
պաղատիմ
որ
ինծի
չըսպասցնէք.
Էվա»։
Թէեւ
այստոմսը
անակընկալմը
չէր
իրեն
համար
այլսակայն
Սատարօֆ
շուարած
մնաց,
գլուխը
պարապ
եւ
առանց
մտածումի,
սրտին
տարապայման
բաբախումները
կուրծքը
կը
ցնցէին
եւ
ականջները
կը
խուլանային
կարծես
հարուածներէն.
րոպէ
մը
ետքը
երբ
ինքզինքին
եկաւ.
նորէն
կարդաց
տոմսը
եւ
այս
անգամ
անդրադարձաւ
թէ
Էվա
մոռցած
էր
նշանակելու
թէ
ո՞ւր
պիտի
սպասէր
իրեն։
Առաջին
մտածումը
եղաւ
բնականաբար
Սիբիոն
փողոցը
երթալ.
երբ
Էվաի
տունէն
ներս
մտաւ
դռնապանուհին
կեցած
logeին
առաջքը՝
ձեռքերը
մէջքին
իրեն
կը
նայէր.
Սատարօֆ
կարծեց
թէ
այդ
հեգնող
եւ
չար
նայուածքին
մէջ
գէշ
լուր
մը
կար
արդէն
եւ
հակառակ
որ
խորունկ
հակակրութիւն
մը
կըզգար
այդ
կնոջ
դէմեւ
միշտ
կըզգուշանար
հետը
խօսելու՝
այս
անգամ
հարցուց.
–
Արդեօք
Տիկին
Էվան
սենեա՞կն
է։
–
Ես
ի՞նչ
գիտենամ
թէ
ուր
է
Տիկին
Էվան։
–
Ըսել
է
զինքը
դեռ
չտեսանք։
–
Ուրիշ
աւելի
կարեւոր
գործեր
ունիմ
Պարոն,
Տիկին
Էվաին
ելնել
մտնելը
չեմ
կրնար
լրտեսելու։
Սատարօֆանհամբերութենէն
կ’եռար։
–
Բայց
տիկին,
ձեզի
եղած
հարցումներուն
պարտական
էք
պատասքանել։
Դռնապանուհին
սկսաւ
խնդալ
իր
բոլոր
ակռաները
մէկանց
ցուցնելով.
այնպէս
որ
կարծես
թէ
բերնին
անկիւնները
հետզհետէ
ձգտուելով
ականջներուն
պիտի
հասնէին,
եւ
Սատարօֆ
այդ
բացուած
գարշելի
բերնին
ի
տես
բոլորովին
զայրացած՝
հազիւ
թէ
կրցաւ
ինքզինքը
բռնել
ու
սանդուղներէն
ելլել
կարելի
եղածին
չափ
հանդարտ
երեւոյթ
մը
ցոյց
տալով,
մինչ
կը
լսէր
որ
վարը
դռնապանուհին
լրբութեամբ
կը
խօսէր
եւ
կը
խնդար։
–
Ի՞նչ
կը
կարծեն
արդեօք
աս
անկուտի
օտարականները.
թերեւս
կը
քորհին
որ
պարտական
ենք
ծառայել
իրենց
աղուոր
աչքերուն
համար.
ա՜հ
չէ՛,
թող
ելլեն
իրենց
տեղերը
երթան
եթէ
գոհ
չեն
մեզմէ։
Վերջապէս
ի՞նչ
տարօրինակ
է
այս
տեսակ
անարժէք
մարդիկներուն՝
իրենց
կմախքը
անպատճառ
Բարիզի
մէջ
ձգելու
փափաքը։
Քանի
անգամներ
Սատարօֆ
իր
աղքատ
ուսանողի
կեանքին
մէջ
ապտակուած
էր
այս
կարգի
արհամարհական
խօսքերէ։
Իրաւ
որ
ա՛լ
քալելը
դժնդակ
էր
իրեն
համար
եւ
երբ
նայեցաւ
իր
առջեւ
բարձրացող
ցից
աստիճաններուն
ուր
պիտի
ելլէր
դեռ,
իր
ուժերը
սպառեցան.
վեցերորդ
յարկերը
տառապող
եւ
տքնող
ուսանոցներու
բոլոր
յոգնութիւնները
եւ
ցաւերը
մէկանց
կարծես
կը
ծանրանային
իր
վրայ
այս
պահուս.
ասիկա
մարտիրոսութիւն
մըն
էր
գրեթէ
ու
իրեն
թուեցաւ
որ
իր
ոտքերուն
ներքեւ
սահեցնող
եւ
մաշած
աստիճանները
հետքերը
կը
կրէին
իրեններուն
պէս
ջլատուած
ոտքերու.
վարէն
խնդալու
եւ
խօսելու
աղմուկը
կը
բարձրանար
դէպ
ի
վեր
մինչեւ
իրեն,
բայց
ա՛լ
խօսքերը
չկրցաւ
որոշել
եւ
տաժանելիօրէն
բարձրացաւ
նորէն
չորրորդ,
հինգերորդ
մինչեւ
վեցերորդ
յարկը։
Հոն՝
նորէն
ջախջախիչ
յուսախաբութիւն
մը.
Էվաի
սենեակը
լուռ
էր
բոլորովին
եւ
դուռը
չբացուեցաւ.
քիչ
մը
կեցաւ
մութ
նրբանցքին
մէջ.
տղու
ճիչեր
կու
գային
հեռաւոր
սենեակէ
մը.
ապահովաբար
մինակ
ձգուած
տղու
մը
ձայնն
էր,
բակին
վրայ
բացուող
պատուհանի
մը
գնաց
քիչ
մը
օդ
առնելու,
բայց
անմիջապէս
ետ
քաշուեցաւ,
գէշ
պատրաստուած
կերակուրներու
գարշահոտ
արտաշնչումը
նողկանք
տուաւ
իրեն,
մրոտած
պատերուն
վրայէն
խոնաւութիւնը
կը
կաթկթէր
երկար
գիծեր
շինելով
եւ
չորրորդ
յարկին
տժգոյն
եւ
պառաւ
կին
մը
յամառութեամբ
կը
թօթուէր
գորգի
մը
կտորը,
այնքան
մաշուած
որ
կարծես
իւրաքանչիւր
ցնցումին
փոշիներուն
հետ
իր
մասնիկներն
ալ
կը
թօթափէր։
Սատարօֆ
վերջապէս
իջաւ
սանդուղներէն.
Պուլըվառ
Սէն
Մարսէլին
վրայ
կեցաւ
պահ
մը.
ո՞ւր
կրնար
երթալ
հիմա.
ի՞նչպէս
Էվան
գտնել
այս
ժամուան.
արդեօք
Մաթէրնիթէ՞
գացած
էր
իրեն
սպասելէ
ետքը,
կարծելով
թէ
չպիտի
գայ.
այսպէս
քայլերը
ուղղեց
դէպ
ի
հիւանդանոցը.
մտքին
մէջէն
շարունակ
կը
կրկնէր.
–
Ի՜նչչափ
դժուարութիւն,
Աստուածս,
Պուլըվառ
Բօռ-Ռուայալի
վրայ
ինքզինքը
գտաւ
եւ
աւելի
կորովի
զգաց.
պէտք
էր
դիմագրաւել
դեռ
շատ
մթ
տագնապներու։
Ո՞վ
գիտէ
արդէն
ինչե՜ր
կըսպասէին
իրեն.
արեւի
ճառագայթ
մը
շեղակի
կը
վարդագունէր
մթնոլորտը
եւ
հետզհետէ
մշուշը
կ’անօսրանար
կը
բարձրանար
գետնէն.
սրընթաց
երկայն
կառք
մը,
կարմիր
խաչով
մը
նշանակուած
ուշադրութիւնը
իրեն
դարձուց.
անիկա
ալ
դէպ
ի
Մաթէրնիթէ
կըշտապէր,
եւ
տեսաւ
որ
մուտքին
առաջք
կեցաւ.
Սատարօֆ
աւելի
արագ
քալելով
հասաւ
անոր.
կիսաբաց
վարագոյրէն
դայեակ
մը
կ’երեւէր
ճերմակ
կտաւէ
համազգեստին
մէջ
որ
անհամբերութեամբ
կը
նայէր
դուրս.
խեղդուկ
ձայներ
կառքին
խորէն
զինքը
կը
կանչէին
անշուշտ,
քանի
որ
դայեակը
կըստիպուէր
վարագոյրը
ձգելու
եւ
ետին
դառնալու.
նոյն
միջոցին
իսկ
դռնապանը
ներքին
դուռները
բացաւ
եւ
կառքը
այլ
եւս
յամրաբար
յառաջացաւ
մուտքին
մէջէն
դէպի
պարտէզը։
Սատարօֆ
հետեւացաւ
կառքին
եւ
հոն
անմիջապէս
լսեց.
–
Ահ,
Պարոն
Սատարօֆ,
ի՛նչ
հանդիպում,
շտապեցէք,
եկէք
ինծի
հետ…
–
Բայց,
Պարոն
Բրաց…
–
Կը
խնդրեմ,
ժամանակ
չկայ
կորսնցնելու,
շուտո՛վ։
Սատարօֆ
չէր
գիտեր
ինչ
պատասխանէ.
ստիպուեցաւ
հետեւելու
Բրացին
որ
այս
միջոցին
հրահանգներ
կուտար
հիւանդապահուհիի
մը…
–
Մա՛րթ,
շուտով,
նշդրակ
մը,
compresseներ,
յետոյ
գաւաթ
մը
տաք
թէյ,
րօմով,
մի
սպասցներ
մեզի։
Երբ
Մարթ
աներեւոյթ
եղաւ
հիւանդանոցի
շէնքերէն
մէկու
մէջ,
Բրաց
դարձաւ
Սատարօֆին.
այս
միջոցին
բոլորովին
իր
գործին
տենդին
մէջն
էր,
թեւերը
հանգրիճած
դիւրաշարժ
բայց
կէս
մը
շուարած։
–
Իրաւ
որ
Պարոն
Սատարօֆ,
մեզի
տարօրինակ
տագնապէ
մը
կ’ազատէք
զարմանալի
պարագայ
մը
կին
մը
մր
դայեակի
մը
տունը
ղրկուած
էր
տղան
ծնելու
համար,
դիւրաւ
կը
ծնի,
ո
եւ
է
դժուար
պարագայ
չի
ներկայանար
եւ
ահաւասիկ
հիմա,
անըմբռնելի
անհոգութեան
մը
հետեւանքով
ծանրապէս
հիւանդ
է...
–
Բայց,
Պարոն
Բրաց
գիտէք
թէ
ինչո՞ւ
եկայ
հոս։
–
Բարեկամս,
վերջը
կը
խօսինք
ատոր
վրայ.
հիմա
եկէք,
ձեզի
անհրաժեշտ
պէտք
ունիմ,
կարծեմ
թէ
Ռուս
կամ
Բոլոնեացի
է
եւ
ինքզինքը
չի
կրնար
կոր
բացատրել...
գոնէ
մեզի
թարգմանի
պաշտօնը
կը
կատարէք։
Սատարօֆ
հետզհետէ
կը
գրաւուէր
Բրացի
խօսքերէն,
մանաւանդ
որ
անոր
հապճեպը
ու
փութկոտութիւնը
սկսաւ
փոխանցուիլ
իրեն,
եւ
արդէն
տկարութեամբ
էր
որ
մրմնջեց։
–
Պարոն
Բրաց,
շատ
քիչ
ժամանակ
ունիմ,
իրաւ
որ
չպիտի
կրնամ։
Բրաց
իբր
պատասխան
թեւէն
բռնեց
եւ
զինքը
դէպի
consultationի
սրահը
տարաւ։