Բ.
Էվա
դեռ
բաւական
ատեն
կեցաւ
Մաթէրնիթէի
մուտքին
մէջ
ի
զուր
սպասելով
որ
անձրեւը
դադրի,
թեւերը
յոգնութենէն
կը
թուլնային
եւ
ուսերուն
մէջ
կը
զգար
ուժգին
ցաւ
մը.
յուսահատօրէն
բարակ
անձրեւը
կ’իջնէր
միշտ,
եւ
ինքը
այնքան
խղճալի
երեւույթ
մը
ունէր
հոն՝
տղեկը
գիրկը
առանց
հովանոցի,
անպատսպար
եւ
առանց
մէկ
սու
ի՝
տղուն
կաթ
առնելու
համար։
Անցորդներ
հետաքրքրութեամբ
կը
նայէին
իրեն.
համրօրէն
արցունքի
կաթիլներ
կ’իջնային
այտերէն
եւ
կոկորդը
սեղմուած
կը
զգար
զսպուած
հեծկլտանքներէն.
ատենէ
մը
ի
վեր
իր
տարագրեալի
դառն
եւ
աղքատ
կեանքին
մէջ՝
երկար
զրկումներու
եւ
յուսահատ
սպասումներու
մէջ՝
սորված
էր
արդէն
անշշուկ
լալ,
հպարտութենէն
խեղդելով
կուրծքին
մէջ
հեծմունքները,
բայց
արցունքները
կ’իջնային
հակառակ
իրեն
ու
իր
անսահման
դժբաղդութեան
մէջ
հարկաւ
պիտի
սորվէր
դեռ
անոնք
ալ
զսպել։
Սակայն
մէկէն
ջլապնդուած
եւ
կորովի՝
մեկնեցաւ
հիւանդանոցէն.
իր
զանազան
հոգերուն
մէջ
հիմակ՝
ստիպողական
հոգ
մը
միայն
կը
տիրէր
հոգւոյն
մէջ.
տղան
չարթննա՜ր...
ի՞նչ
փոյթ
անձրեւը,
անօթութիւնը
ու
մառախուղն
ալ
որ
կը
սգաւորէր
զինքը.
ի՞նչ
փոյթ
բոլոր
ասոնք
եթէ
տղան
շարունակէր
քնանալ
հանդարտիկ,
մինչեւ
որ
միջոցը
գտնար
անոր
կաթ
ճարելու։
Պուլըվառ
տը
Բոռ-Ռուաեալէն
կ’իջնէր
արագ
քալուածքով,
կարելի
եղածին
չափ
ապաստանելով
որ
ճիւղերուն
ներքեւ
եւ
երբեմն
մտնալով
տունի
մը
մուտքին
մէջ
յոգնութիւն
առնելու։
–
Սու
մը
չկայ,
սու
մը
չկայ...
Այս
գաղափարը
յամառութեամբ
կը
հարուածէր
գլուխը
ու
իր
հոգեկան
ընդարմացումին
մէջ
կը
ցնցուէր
երբեմն
երկայն
սարսուռի
մէջ։
Տաժանքով
Էվա
կը
յառաջանար
դէպ
ի
Ավընիւ
տէ
Կոպըլէն.
մառախուղը
այնքան
կը
թանձրանար
որ
կարծես
շօշափելի
պիտի
դառնար
հետզհետէ,
գորշորակ
մթնոլորտին
մէմջէն
ծառերը
կը
խոյանային
ձգտուած
իրենց
կմախային
ճիւղերով
ու
իրենց
գագաթները
անտեսանելի՝
կը
կորսուէին
կարծես
անհունութեան
մէջ։
Պահ
մը
Էվա
կայնեցաւ։
Հեռուէն
կը
լսէր
կառքի
մը
ծանր
թաւալումը
առանց
զայն
տեսնելու.
արդէն
ամէն
անգամ
անարեւ
օրերը
սարսափով
կը
լեցնէին
զինքը.
մանաւանդ
երբ
փողոցը
գտնուէր,
անվստահ
քայլերով
կը
յառաջանար,
ականջը
սրած
կարծես
թէ
վտանգ
մը
սպառնար.
տղուն
մէկ
շարժումը
յիշեցուց
իրեն
որ
պէտք
էր
աճապարել.
իր
պարտասած
թեւերուն
վերջին
ուժովը
սղմեց
զայն
կուրծքին
վրայ
գոնէ
քիչ
մը
պաշտպանլու
համար
խոնաւութենէն
եւ
նոր
թափով
մը
սկսաւ
քալել
դէպ
ի
առաջ։
–
Գոնէ
Անտրէն
եկած
ըլլար
կը
մտածէր
հիմա,
թերեւս
քիչ
մը
դրամ
գտած
է։
Ավընիւ
տէ
Կօպըլէն
սպիտուեցաւ
քայլերը
դանդաղցնելու.
օմնիպիւսներ
զիրար
կը
խաչաձեւէին
եւ
սալայատակէն
վար
մածուցիկ
եւ
միօրինակ
ցեխ
մը
կը
ծածկէր
գետինկ.
ճիշդ
քովէն
լուացարարուհի
մը
անցաւ
բեռնաւորուած
խոշոր
կողովով
մը.
ցեխոտած
քղանցքները
ժողված
մէկ
ձեռքով,
քիթը
օդին,
անհոգ՝
գրեթէ
զուարթ
երեւոյթ
մը
ունէր.
յանկարծ
կեցաւ։
–
Ա՜
Տիկին
Էվա.
աղէ՞կ
էք։
–
Այ՛
օրիորդ։
–
Ի՛նչ
օդ...
պզտիկին
կաթը
առնելու
գացեր
էք,
այնպէս
չէ՞։
– . . . . . . .
Լուացարարուհին
կը
ժպտէր
իր
սուր
եւ
ճերմակ
ակռաները
ցուցնելով
մէկէն։
–
Ինծի
նայեցէք,
Տիկին
Էվա,
ե՞րբ
պիտի
գաք
ճերմակեղէնները
առնելու։
–
Վաղը
օրիորդ,
ատոր
համար
հոգմի
ընէք։
–
Է՜,
ամուսիննիդ
Պնրոն
Անտրէն,
ինչպէ՞ս
է,
գործ
գտա՞ւ։
–
Դեռ
ոչ,
բայց
կը
յուսանք
որ
քիչ
ատենէն...
։
Անմիջապէս
լուացարարուհին
դէմքը
փոխեց.
–
Գիտէք
Տիկին,
ըսելու
համար
չէ
բայց
պարտքերնիդ
վճարելու
էք.
միշտ
այսպէս
է.
ձեր
ճերմակեղէնը
հոն
կը
մնայ
երկար
ատեն։
Տարօրինակ
դիւրախօսութեամբ
մը
սկսաւ
մի
առ
մի
թուել
իրենց
դժուարութիւններն
ալ.
դրամի
պէտքը,
մայրը
որ
գրեթէ
ալ
չէր
կրնար
աշխատիլ
իր
variceներուն
պատճառաւ
որոնք
զինքը
միշտ
կը
նեղէին։
Յուսահատօրէն
Տիկին
Էվա
մտիկ
կ’ընէր
զայն
ու
այնքա՛ն
դժուարը
կուգար
զգալով
իր
բացարձակ
անկարողութիւնը
բան
մը
ընելու
այդ
պզտիկին
պատճառով
որ
արդէն
այնքան
կը
ծանրանար
իր
թէեւ
երիտասարդ՝
բայց
արդէն
յոգնած
բազուկներուն։
–
Ի՞նչ
ըսեմ,
օրիորդ,
կարելի
եղածը
պիտի
ընեմ.
քիչ
ատենէն
դրամ
պիտի
ստանանք,
ձեզի
ալ
կը
մտածեմ
այն
ատեն.
հինգշաբթի
օրը
եկէք,
ճերմակեղէնները
բերէք.
ո՞րչափ
պարտք
ունիմ։
–
Կարծես
թէ
2
ֆր.
70
սանթիմի
չափ
բան
մըն
է։
–
Լա՛ւ,
հինգշաբթի
եկէք,
ցտեսութիւն։
Ա՜հ
խեղճուկ
գումարը.
2.
70.
2.
70...
–
Ու
ասիկա
կրկնեց
երբ
Ավընիւ
տէ
Կօպըլէնը
կ’անցնէր,
մինչեւ
Պուլըվար
Սէն
Մարսէլ
մինչեւ
իր
տանը
առաջք
Սիբիօն
փողոցին
մէջ։
Իր
տանը
դրանը
առջեւը
տեսաւ
իր
դռնապանուհին՝
հոն
կանգնած
անհամարհոտ՝
գրեթէ
ծիծաղող
երեւոյթով
մը.
ասիկա
տարեց
խոշոր
կին
մըն
էր,
դէմքը
բոլորովին
կարմիր.
իրենց
բնակութեան
առաջին
օրերուն
դռնապանուհին
քծնող
վարմունք
մը
ունեցած
էր
այն
5
ֆրանք
ձեռնաձիրին
(pour
boire)
համար
որ
տուած
էին.
ու
յետոյ
Տիկինը
եւ
Պարոնը
այնքան
ներկայանալի
ձեւ
մը
ունէին.
բայց
եռամսեայէ
եռամսեայ
վարձքերու
վճարումը
աւելի
անկանոն
սկսած
էր
դառնալ
եւ
այլ
եւս
ձեռնաձիր
յուսալիք
չունէր.
հիմակ
այնքան
խեղճ
ու
կրակ
կերպարանք
մը
ուէին
այդ
վարձւորները.
արդեն
երկու
եռամսեայ
պարտական
էին
եւ
իրաւ
որ
շատ
գոհ
պիտի
ըլլար
այն
օրը
երբոր
կարենար
զանոնք
իր
տունէն
վռնտել։
Էվա
արդէն
շուարած՝
դռնապանուհիին
ամբարտաւան
ձեւէն՝
նորէն
քաջութիւնը
ունեցաւ
անոր
հարցնելու.
–
Արդեօք
ամուսինս
վե՞րն
է.
–
Չեմ
գիտեր։
Էվա
ուզեց
աճապարել
բայց
գլխու
պտոյտ
մը
ունեցաւ
եւ
ստիպուեցաւ
կենալ
սանդուղին
առաջին
աստիճանին
վրայ.
բոլորովին
ուժասպառ
էր
եւ
անօթութենէա
խիթեր
կը
զգար
ստամոքսին
մէջ
ու
անիկա
փափաք
ունէր
ծռելու՝
կարծես
թէ
ատով
անօթութիւնը
պակաս
պիտի
իմանար.
դռնապանուհին
իր
սենեակին
առաջք
եկած
նայուածքովը
կը
հետեւէր
իրեն,
անողոք։
Էվա
նշմարելով
որ
կը
դիտուէր՝
սանդուղներէն
վեր
գրեթէ
վազելով
ելաւ.
հազիւ
թէ
չորրորդ
յարկը՝
վայրկեան
մը
կեցաւ,
շնչասպառ.
սրտին
զարկերը
այնքան
ուժով
էին
որ
գրեթէ
նուազում
կը
զգար.
նորէն
արցունքները
եկան
մինչեւ
արտեւանունքները.
իր
պզտիկին
նայեցաւ
եւ
յուսահատութենէն
զայն
համբուրեց
ինքզինքէն
ելած
յիմարաբար։
Պզտիկը
դէմքը
ծամածռեց
եւ
աչքերը
բացաւ,
իր
գեղեցիկ
սեւ
աչքերը
դեռ
քօղարկուած
ընդհատուած
քունէն.
շուարած
Էվա
զայն
օրօրեց
թեւերուն
վրայ։
–
Խելքի՞ն
եկած
էր
արդեօք,
ապո՞ւշ
էր
ինչ
էր
որ
տղան
կ’արթնցնէր
երբ
մինչեւ
իսկ
սու
մը
չունէր
անոր
կաթ
առնելու
համար։
Յամրաբար
շարունակեց
սանդուղները
բարձրանալ.
նեղ
պատուհաններէն
հազիւ
թէ
պղտոր
լոյս
մը
կը
ճերմկցնէր
խոնաւ
ու
մութ
մթնոլորտը.
մաշած
սանդուղները
շատոնց
ի
վեր
անխնամ
մնացած
եւ
չը
մաքրուած
կպչուն
նիւթով
մը
ծածկուած
էին
եւ
Էվա
դժուարաւ
կը
քալէր
մեծ
զգուշաւորութիւնով
որպէս
զի
չը
սահի.
վեցերորդ
յարկը
գրեթէ
մութ
էր
բոլորովին.
Էվա
շտապելով
դէպի
դուռը,
քանի
մը
անգամ
զարկաւ.
ոչ
մէկ
պատասխան.
քովի
սենեակէն
մարդ
մը
հայհոյութիւններ
կ’ոռնար.
երբեմն
միայն
կնոջ
սուր
ձայն
մը
լսելի
կ’ըլլար
ցասկոտ՝
բայց
անկարող
դիմադրելու
մարդուն
կոպիտ
ձայնին.
–
Անտռէն
դեռ
չէ
եկած
մտածեց
Էվա
եւ
ծռեցաւ
դրանը
առաջքի
փսիաթին
ներքեւէն
բանալին
առնելու.
Կամաց
մը
մտաւ
սենեակ
եւ
տղան
դրաւ
օրօրոցին
մէջ,
անիկա
չարթնցաւ.
Էվա
բեռէն
թեթեւնալով
երկնցաւ
ինքն
ալ
անկողնին
վրայ.
իր
պարտասած
անդամներուն
մէջ
ցաւեր
կը
զգար
բայց
այլ
եւս
փոյթը
չէր
ու
գրեթէ
դառն
բայց
հեշտագին
զգայնութիւնը
ունեցաւ
ինքզինքը
կորսուած
զգալու
անսահման
յոգնութեան
մը
անէացումին
մէջ։
Որքա՞ն
ատեն
տեւեց
այս
բարերար
ինքնամոռացումը,
Էվա
չպիտի
կարենար
որոշել,
առանց
քնացած
ըլլալու
բոլորովին
կորսնցուցած
էր
ներկային
գիտակցութիւնը.
իր
մթնցած
ուղեղը
կամաց
կամաց
կը
լուսաւորուէր
տարաշխարհիկ
արեւի
մը
հեշտալի
շողշողիւնովը.
տարտամօրէն
ինքզինքը
կը
զգար
դեռ
երիտասարդ
աղջիկ
իր
հօրը
պարտէզին
մէջ։
Օրանի
մէջ
հաստատուած
բարեկեցիկ
հրեայ
ընտանիքի
մը
աղջիկն
էր
Էվա
Արեւելքցի
շատ
մը
աղջիկներու
պէս
անիկա
սահմանափակ
դաստիարակութիւն
մը
առած
էր
եւ
իր
առաջին
երիտասարդութիւնը
անցուցած
էր
հնաւանդ
եւ
նախապաշարեալ
ծնողքին
քով՝
հանդարտ
եւ
համակերպող
մինչեւ
այն
օրը
որ
մէկէն
ի
մէկ
սէրը
իր
քնացող
արիւնը
հրդեհած
էր
եւ
մէկ
ոստումով
կրցած
էր
անցնիլ
դարաւոր
համոզումներուն
վրայէն
ինքզինքը
տալով
կաթոլիկ
եւ
օտար
երիտասարդի
մը։
Անտրէ
իր
կարգին
դիպուածին
կը
պարտէր
Էվաի
հանդիպումը.
Տիժօնցի
Գաղղիացի
ընտանիքի
մը
միակ
զաւակն
էր
անիկա
որ
հօրը
պահանջին
վրայ
Բարիզ
եկած
էր
իրաւագիտութեան
դպրոցը
մտնալու.
ընտանեկան
աւանդութիւն
մը՝
գրեթէ
կրօնք
մըն
էր
իրաւագիտական
պաշտօններու
իւրացումը
որ
մինչեւ
իրենց
մեծ
հայրերէն
ժառանգած
էին,
բայց
Անտրէ
բնութենէն
օժտուած
էր
թէնօրի
հարուստ
ձայնով
մը
եւ
ասիկա
պատճառ
եղաւ
որ
իրաւագիտական
դպրոցը
ձգելով
իր
բնական
կոչումին
հետեւի.
այնքան
անդիմադրելի
եղած
էր
ասիկա
իր
մէջ
որ
գրեթէ
պայքարած
չէր
եւ
առանց
խղճի
խայթի
մէկ
օրէն
միւսը,
նոյն
իսկ
իր
կողմէն
խզած
էր
ծնողացը
հետ
ամէն
յարաբերութիւն,
ինքզինքին
խնայելու
համար
կարգ
մը
բացատրութիւններ
տալու
նեղութիւնը։
Երկար
ատեն
Բարիզի
մէջ
աղքատ
ուսանողի
կեանքը
վարելէ
ետքը,
միշտ
կորովի,
միշտ
ինքնավստահ
սակայն
ու
հաստատ՝
իր
հետեւելիք
ճամբուն,
որին
մէկը
բաղդը
ունեցած
էր
վերջապես
ընդունուելու։
Ալժէրի
գացող
դերասանական
խումի
մը
մէջ,
հազիւ
թէ
Օրան
հասած
բարեկամացած
էր
Էվաի
եղբօր
հետ
եւ
այդ
միջոցով
հանդիպած
էր
այն
անուշ
ու
երիտասարդ
Արեւելքցի
աղջկան
որ
իր
եւրոպացիի
եւ
արուեստագէտի
խանդավառ
եւ
դիւրաբորբոք
խառնուածքով
հոգեվին
գրաւուած
էր
անկէ
այսպէսով
էր
որ
երկուքն
ալ
իրենց
անդիմադրելի
հրայրքէն
գինովցած
առանց
ետի
նայելու
եւ
առանց
իրենց
սպառնացող
ապագային
մտածելու,
անձնավստահ
եւ
անշշուկ
մեկնած
էին
մէկտեղ
Բարիզ
գալու
եւ
հոն
ամուսնանալու
համար։
Հիմակ
Էվա՝
խղճալի
եւ
անօթութենէ
սպառած՝
կ’երազէր
իր
հօրենական
տունը.
որոշապէս
կը
տեսնէր
ինքզինքը.
ինչպէս
եթէ
երկրորդ
անձ
մը
եղած
ըլլար
այն
երիտասարդ
աղջիկը,
անփոյթ
եւ
յափրացած
ապրելու
բուռն
ուրախութենէն՝
ալ
բոլորովին
կորսուած
եւ
մեռած
իրեն
համար։
Հիմա
մտքովը
կը
տեսնէր
որ
հարուստ
բուսականութեան
մը
մէջէն՝
ոսկեզօծուած
եւ
արբշիռ,
մթնոլորտին
մէջ
շռայլօրէն
սփռուած
ցոլքերէն,
ինքը
կը
քալէր
մեղմիւ,
գլուխը
ծածկած
ճերմակ
քօղի
մը
տակ
այն
նեղ
եւ
երկայն
ճամբուն
մէջէն
ուրկէ
ա՛յնչափ
անգամ
անցած
էր
տղայութենէն
ի
վեր.
ու
երկու
կողմի
ածուներուն
մէջ
ծաղիկներ
իրենց
բուրումնաւէ՜տ
բաժակները
կ’երկարէին
դէպ
իրեն
ու
արահետը
կը
թուէր
պերճօրէն
հագուած՝
արեւին
լայն
ու
ճերմակ
արատներով,
իր
ոտքերուն
տակ
աւազները
կ’երգէին
հրճուանքէ,
այնքան
իր
ճերմակ
եւ
նրբին
սիլուէթին
կարօտը
ունէին
անոնք։
Օ՜հ,
այդ
կուրացնոէ
եւ
շողշողուն
արեւկ
որ
զինքը
կը
տաքցնէր
եւ
որուն
կրակոտ
ճառագայթներուն
ծարաւը
կը
զգար
խելայեղօրէն
յագենալու
համար
անոր
մաքրող
եւ
բարերար
արբեցութենէն,
որպէսզի
միանգամ
ընդ
միշտ
մառախուղին
սուգը
փարատուէր
իր
անձկագին
հոգիին
մէջէն
եւ
այնքան
կը
տանջուէր
իր
nostalgieէն
որ
հոն
տեղի
հիւթեղ
պտուղներուն
համը
կը
զգար
բերնին
մէջ
եւ
իր
ռնգունքները
կը
բացուէին
երբեմնի
բուրմունքներուն
յիշատակովը,
իր
սիրելի
եւ
արեւոտ
երկրին։
Սակայն
ականջներուն
մէջ
բզզիւն
մը
կ’զգար
անօթութեան
պատճառաւ.
բնութեան
յմառ
ձայնը՝
որ
կը
պահանջէր,
որ
զինքը
կ’արթնցնէր
իր
գեղեցիկ
երազէն
զինքը
ցնցելով
երկայն
սարսուռի
մը
մէջ։
Պաղ
քրտինքի
կաթիլներ
կը
մարգարտաշարուէին
ճակատին
վրայ.
դժուարաւ
ելաւ
արմունկներուն
կռթնելով
եւ
նայեցաւ
օրօրոցին.
պզտիկը
միշտ
կը
քնանար,
առաւօտուան
սովորական
քունն
էր
ասիկա
երկայն
եւ
հանդարտ,
ապահովուած՝
Էվա
նորէն
ուզեց
պառկել
սրտին
խառնուիլը
եւ
պարապ
ստամոքսը
չզգալու
համար.
–
Անտռէն
ալ
չուշանար,
խորհեցաւ։
Մտածումէ
մտածում
վերադարձաւ
իր
սիրելի
երազին.
երկու
տարուան
մէջ
ի՛նչպէս
ամէն
բան
փոխուած
էր։
Ատեն
մըն
ալ
օրեր
եղած
էին
որ
սպասած
էր
Անտռէին,
բաբախուն
եւ
տենդագին
անհամբերութեան
մը
մէջ.
իրենց
սրտազեղումներուն
մէջ
կուշտ
ստամոքսով
ի՛նչպէս
դիւրին
արհամարհած
էին
վաղուան
անօթութիւնը,
բայց
այդ
վաղը
եկած
էր
արդեն.
ու
անողոք,
մաշեցնող
անօթութիւնը
իր
աննուաճելի
արհաւիրքովը
իրենց
հոգւոյն
մէջ
սպրդած
էր,
ալ
գրեթէ
տեղ
չձգելով
ուրիշ
զգացումի.
հիմակ
ալ
զիրար
կը
սիրէին
անշուշտ
բայց
ասիկա
այլ
եւս
միեւնոյն
շղթային
կապուած
դժբաղդ
ընկերներու
համերաշխութիւնն
էր
միայն.
կրնայի՞ն
ալ
հիմա
առաջուան
պէս
զիրեր
սիրել
քանի
որ
յամառող
թշուառութիւնը
զիրենք
փոխած
էր,
ու
երկուքն
ալ
տարբեր
արարածներ
եղած
էին
բարոյապէս
եւ
ֆիզիքապէս։
Դառնութեամբ
րոպէ
մը
ինքզինքը
դիտեց
իր
սեւ
շրջազգեստը
արդէն
վերջին
հեւքերը
կը
յիշեցներ
ոգեւար
պճնասիրութեան
մը,
անիկա
թոյլ
եւ
անպաճոյճ
կը
փռուէր
անկողնին
վրայ
սգաւորելով
զինքը,
անկողինկ,
բոլոր
սենեակը.
ամօթով
նայեցաւ
կոշիկներուն
եւ
իր
ձեռքերուն
տեսքը
աչքերը
բոլորովին
ամպոտեց։
Մէկէն
ի
մէկ
գլուխը
դրաւ
բարձին,
աչքերը
փակեց
եւ
նորէն
ատեն
մը
տեսիլքներ
անցան
իր
մտքին
մէջէն.
նախ
կիզիչ
արեւը
իր
շեշտակի
ճառագայթներուն
պերճանքովը
բեղմնաւոր,
ու
շէնքերը
լուսահեղ
շողիւններու
լոգանքին
մէջ
ճերմկած,
իր
ականջներուն
բզզիւնը
կը
փոխուէր
հետզտետը
երկնցող,
կախարդիչ
երգի
մը
այն
վաղեմի
ու
ընտանի
երգերէն
մէկուն
որոնց
յիշատակը
իր
անսահման
դժբաղդութեան
մէջ
կ’երգէր
յաճախ,
հոգին
ամոքելով
nostalgieի
հատցնող
ցաւերէն։
Էվա
ձեռքի
մը
հպումին
ներքեւ
ինքզինքին
եկաւ.
Անտրէ
քովը
կեցած
էր
արդէն.
սանդուղներէն
վեր
այնքան
արագ
ելած
էր
որ
շնջասպառ՝
չէր
կրնար
խօսիլ.
իր
աճապարանքին
մէջ
դուռը
կէս
մը
բաց
ձգած
էր.
տենդոտ
շարժումով
մը
գլխարկը
հանեց
եւ
նետեց
սեղանին
վրայ.
յետոյ
Էվաին
քով
անկողնին
վրայ
նստաւ։
Էվա
բրտօրէն
իրականութեան
դարձած՝
րոպէ
մը
վարանեցաւ.
յետոյ
ջանաց
նստիլ
ինքն
ալ
եւ
վախով
հարցուց.
–
Անտրէ՛,
բան
մը
ճարեցի՞ր։
Անիկա
չը
պատասխանեց.
այնքա՛ն
յոգնած
եւ
յուսահատ
երեւոյթ
մը
ունէր,
ինքն
ալ
սպառած՝
անբաւական
սնունդէն
եւ
շարունականական
հոգերէն
որ
Էվա
մէկէն
չհամարձակեցաւ
տղուն
կաթին
խնդիրը
մէջտեղ
հանել։
Անոր
քիչ
մը
երկայն
մնացած
մազերը
քրտինքէն
փակած
էին
քունքերուն
եւ
իր
մութ
շագանակագոյն
բիբերը
կը
կորսուէին
խոռոչացած
աչքերուն
մէջ.
կիսաբաց
շրթունքներուն
վրայի
մաշկը
չորցած
կը
ճերմկնար
ու
դժուարաւ
ելեւէջող
կուրծքը
սուլող
շնչառութիւն
մը
ունէր.
քիչ
մը
հանդարտելէն
ետքը
միայն
երկու
ձեռքերը
ջղաձգօրէն
ծունկերուն
վրայ
դրած՝
միօրինակ
ձայնով
մը
իր
անօգուտ
դիմումներուն
պատմութիւնը
ըրաւ.
–
Նախ
Ռօպէրին
գացի.
հոն
չէր.
Սատարօֆը
սու
մը
իսկ
չունէր,
խոստացաւ
որ
եթէ
ինքը
գտնէ
հոս
ալ
դրամ
կը
բերէ.
Ալեքսանտրը
դեռ
արթնացած
չէր,
կէս
ժամ
դրանը
առջեւ
սպասցնելէն
ետքը
երեւցաւ
ըսելու
համար
որ
այսօր
բան
մը
չէր
կրնար
ընել...
երկու
անգամ
մինչեւ
վեցերորդը
ելայ
Ժաքը
տեսնելու,
դռնապանը
ըսաւ
որ
իջնալը
չտեսաւ
դեռ.
բայց
դուռը
չբացաւ,
կ’երեւայ
թէ
կանուխէն
մեկնած
էր։
Պահ
մը
լուռ
մնաց՝
նայուածքը
անորոշ։
–
Ալ
տեղ
չմնաց
երթայիք,
ամէն
կողմ
պարտք
ունիմ,
ինծի
տեսնողը
կը
փախչի
կոր
կարծելով
թէ
դրամ
պիտի
ուզեմ,
Տիւֆրէնը
տեսայ
Լիւքսէնպուրկի
պարտէզէն
անցած
ատենս,
ինծի
չբարեւեց.
10
ֆրանք
պարտք
ունիմ
արդէն...
Դառնութեամբ
ժպտեցան.
ձայնը
հետզհետէ
կը
կամացներ
գրեթէ
անլսելի
կը
դառնար.
յանկարծ
կնոջը
դարձաւ.
–
Է՜հ,
հիմա
ի՞նչ
պիտի
ընենք,
Էվա։