Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.

Ըսէ՛ք, Պարոն Բրաց ո՞ւր կրնամ տեսնել զինքը, ո՞ւր կրնամ գտնել այ ժամուն։

Կրակին ազդեցութեան ներքեւ Սատարօֆ թեթեւ մը գինովցած՝ ծայրայեղութիւններու կը մղուէր. աչքերը կը փայլէին անսովոր կերպով եւ քանի՛ կը խորհէր Էվաին որ թերեւս հիմա իրեն կըսպասէր, վազելու, անմիջապէս մեկնելու փափաքներ կըզգար։

Ահաւասիկ, կարծեցի զինքը հոս գտնել, որովհետեւ տունը չէր այս առաւօտ. և հոս ակամայ ժամանակս կորսնցուցի։

Consultationի սրահը պարապ էր այն միջոցին եւ երկու երիտասարդները ոտքի վրայ կը խօսակցէին հապճեպով. Բրաց հետզհետէ ստացաւ իր հանդարտ եւ անայլայլ երեւոյթը մինչ Սատարօֆ՝ անգործութեան դատապարտուած՝ հիւանդագին փութկոտութիւն մը ունէր շարժումներուն եւ բառերուն մէջ։

Անդին սպասման սրահէն անորոշ աղմուկ մը կը հասնէր իրենց երբեմն. Լէոնդինի ձայնը սուր շեշտով մը կը բարձրանար եւ լսելի կ’ըլլար յստակօրէն.

Շո՛ւտ, աճապարեցէ՛ք Տիկիններ...

Լաւագոյն միջոցը, եզրակացուց Բրաց շրջան մը ընել է crècheին մէջ. եթէ տիկին Էվա Մաթէրնիթէ է անպատճառ, հոն կը գտնենք զինքը... ապա թէ ոչ, բարեկամս, պէտք է ուրիշ տեղ փնտռել զայն։

Սատարօֆ մասնաւոր ձեւով մը նայեցաւ Բրացին. այդ նայուածքին մէջ զարմացում եւ յանդիմանութիւն կար միանգամայն. շատ մը մտածումները մէկէն կը խուժէին իր յոգնած ուղեղին մէջ. արդէօք սխալա՞ծ էր իր ըրած ենթադրութիւններուն մէջ, բայց այնքան սովորական եւ առօրեայ սան մըն էր գրեթէ բժիշկին եւ հիւանդնեուն մէջ գոյացած տեսակ մը համակրութիւնը, որ բնաւ զարմանալի չէր, այլ գրեթէ տրամաբանական ինչ որ կը կարծէր թէ պատահած ըլլար Բրացի եւ Էվայի միջեւ։ Բայց այն ատենը ինչպէ՞ս բացատրել Բրացի հանդարտ գրեթէ անտարբեր երեւոյթը եւ նոյնիսկ բացարձակ անփութութիւնը ո եւ է ծառայութիւն մատուցանելու Էվաին իր այսօրուան ճգնաժամին մէջ։ Անտռէի վրայ Բրացէն իմացած մանրամասնութիւնները սիրտը բոլորովին սեղմեցին. անիկա անդարմանելի կերպով հիւանդ էր, դատապարտուած մը այլեւս, ու բոլոր այս մտածումները կը հարուածէին գլուխը այնպէս որ երբեմն ջղային շարժումով մը մատներուն մէջ կը սեղմէր ճակատը եւ Բրացին կը դառնար՝ պատրաստ՝շատ մը բաներ ըսելու, բայց մէկէն լռելու ստիպուած անոր պայծառ եւ ջինջ նայուածքին ներքեւ. այլ սակայն ինքն անհունօրէն տխուր էր, անմեկնելի եւ անսահման տխրութեամբ մը. ու բոլոր ի դիմագիծերը կը թուլնային կը նուաղին միսթիք բան մը տալով իր երեւոյթին, այնպէս որ այս պահուս գերազանցապէս առած էր բիւզանդական կրօնական պատկերներու արտայայտութիւնը։

Առանց խօսելու երկուքն ալ անցան պարտէզէն եւ crècheը պիտի մտնէին երբ հիւանդապահուհի մը շնջասպառ զիրենց կեցուց։

Պարոն Բրա՛ց, ձեր այս առաւօտեան հիւանդը նուաղեցաւ... ի՞նչ պէտք է ընել... ։

Ի՞նչ կ’ըսէք, մասնաւոր պատճառ մը կա՞ր։

Բնաւ, հազիւ թէ տեղաւորուած էր անկողնին մէջ եւ երեւոյթով բոլորովին հանդարտ կը թուէր։

Բրաց վարանեցաւ րոպէ մը՝ դռանը կրթնած. Սատարօֆ կարծես թէ բառ մը չէր հասկցած խօսակցութենէն եւ պարտէզը կը նայէր անշարժ. Բրացի ձայնը զինքը սթափեցուց։

Դժբախտաբար ստիպուած եմ ձեզ թողուլ, Պարոն Սատարօֆ։

Ա՜հ... ։

Ինչպէս լսեցիք արդէն այս առաւօտուան հիւանդը ինծի պէտք ունի... բայց դուք կրնաք crècheին մէջէն անցնիլ եւ տեղեկանալ թէ Տիկին Էվան եկա՞ծ է արդէն իր պզտիկը տեսնելու։

Առանց պատասխանի սպասելու Բրաց թեթեւ շարժումով մը հեռացաւ հետեւելով միշտ հիւանդապահուհիին եւ արդէն քանի սը քայլ առած էր պարտէզին մէջ երբ ետին դարձաւ եւ պօռաց.

Ցտեսութիւն Պարոն Սատարօֆ։

Ամէն հոգ եւ տխրութիւն անհետացած էր այլ եւս այդ ձայնին մէջ, անիկա նոյնիսկ զուարթ հնչիւն մը ունէր ցուրտ օդին մէջէն որ հեգնութեան մը պէս Սատարօֆ վիրաւորեց։

Այլ եւս իր նոր հիւանդովկ կը շահագրգռուի, խորհեցաւ միտքէն եւ ասիկա ինքնին այնքա՛ն բան մէկէն կը բացատրէր իրեն, որ նոյն պահուն իսկ դէմքը իր սովորական խստութիւնը ստացաւ, այտերուն քովէն ձեւացնելով երկու ակօսուած խորշոմներ եւ սեւ մօրուքին մէջ կ’անհետանային. միեւնոյն ատեն մտքին մէջ կը պատկերացնէր հիւանդը՝ դէպ ի քունքերը երկնցած աչքերով ու չափազանց կարմիր շրթունքներով որոնք կարծես պիտի արիւնէին։

Հետզհետէ աւելի մելամաղձոտ՝ մտաւ crècheը. տխեղծ մանկիկներ, ապասերած կամ ժամանակէն առաջ ծնած կը հանգչէին ճերմակ անկողիններու մէջ իրենց ճակատագրային դժբաղդութեան անգիտակ. ասդին անդին հրէշներ. իր հապճէպով անցքին մէջ Սատարօֆ նշմարեց տարապայման խոշորութեամբ գլուխ մը, ողորկ եւ փայլուն, որ բարձին վրայ անշար կը մնար. անիկա աւելի ո եւ է առարկայի մը տպաւորութիւնը կ’ընէր քան թէ մարդկային գլուխի մը. երբ մօտիկցաւ միայն կրցաւ տեսնել պզտիկ աչքերը, անհանգիստ եւ յարաշարժ՝ ակնակապիճներուն մէջ եւ վտիտ թուշը, որուն գիծը կը փախչէր դէպ ի ներս, հազիւ թէ ուրուագծելով դէմքը որ իր ամբողջութեամբը կը կորսուէր այդ խոշոր գանկին վրայ։

Քանի՞ ամսու է այս տղեկը հարցուց ստնտուին։

Երկու ամսու Պարո՛ն, երկուորեակ մըն էին։

Մուս զոյգը ո՞ւր է։

Անիկա մայր հետը տարաւ որովհետեւ բոլորովին առողջ էր. բայց ասիկա լքուա՜ծ է։

Այսինքն հիւանդանոցին յանձնուած է, ըսել կ’ուզէք։

Ոչ Պարոն, ոչ. մայրը զայն թողած է բոլորովին, որովհետեւ հրէշ մըն է եւ երկու ամիսէ ի վեր անգամ մը իսկ չէ եկած զայն տեսնելու։

Դո՞ւք կուտաք կաթը։

Այո, Պարոն, իրաւ է թէ դժուար է եւ երբեմն, գիշերը մանաւանդ, գրեթէ կը սոսկամ իր աչքերէն, բայց խեղճ պզտիկը, իր յանքցանքը չէ անշուշտ եթէ հրէշ ծանծ է... մինչդեռ մայր...

Սատարօֆ կըզգար որ յօնքերը կը պռստէին եւ իր ձայնը խօսած ատեն գրեթէ խռպոտ էր այնքա՛ն զսպուած դառնութիւն եւ զայրոյթ կար իր մէջը։ Հեռուէն՝ հսկող կին մը տեսնելով շտապեց քովը։

Ա՜հ, ձեզի էր որ սպասած էր այս առաւօտ խեղճ կինը. հասկցայ, թիւ 11ին մայրը. ի՞նչ սիրուն տղեկ մը. այնպէս չէ՞... կուզէ՞ք տեսնել։

Անշուշտ օրիորդ, բայց շատ պիտի պարտաւորէիք ինծի եթէ կարենայիք ըսել թէ ուր կրնամ մայրը գտնել։

Պահ մը վարանոտ՝ հսկող կինը կեցաւ։ Անիկա սիրուն եւ երիտասարդ խարտեաշ աղջիկ մըն էր. սեւ երկայն ժապաւէնները աւելի կ’արժէցնէին իր յարդի գոյն մազերը որոնք շնորհալիօրէն կը շրջանակէին թարմ եւ զուարթ դէմքը։ Սաստարօֆ անդորրութեան եւ վստահութեան զգայնութիւնը ունեցաւ եւ մէկէն կարծես թեթեւցաւ իր վրայ ծանրացող յուսահատութենէն։

Ապահովաբար, Պարոն, զինքը Բիթիէ հիւանդանոցը պիտի գտնէք, որովհետեւ զինքը կանչաց էին եւ անհամբեր էր ժամ մը առաջ հոն հասնելու... Բայց եկէք տղան տեսէք մեկնելէ առաջ։

Սատարօֆ թիւ 11ը եկաւ պզտիկ անկողնի մը քով. իրաւամբ շուրջի հրէշութիւններու մէջ անիկա կը ծաղկէր վարդի մը պէս սեւ մազերը քիչ մը դարձած իրենց ծայրերէն՝ կը տարածուէին մետաքսի պէս կտաւէ բարձին վրայ եւ իր աչքերը կը ժպտէին. այս միջոցին լրջութեամբ կը ծծէր րեթին ը եւ երբեմն կը դառնար Սատարօֆին, բերնին անկիւնները ընդլայնելով ինչ որ իր ամբողջ դէմքին ժպտուն արտայայտութիւն մը կուտար։

Սատարօֆ հակառակ իրեն ուշացաւ այդ պզտիկ անկողնին քով, տղեկին դէմքին հակած, մինչեւ որ ինքն ալ սկսաւ ժպտիլ անոր... ինչ որ շատ սովորական բան մը չէր անոր համար։

Մէկ հիւանդանոցէն միւսը հազիւ 10 վայրկեան տեւեց եւ երբ Բիթիէ հասաւ, այդ հին եւ անվերջանալի պատերուն տեսքը անախորժ կերպով զինքը յուզեց ծխաններէն ոմանք կը մխային եւ այդ շէնքերու խումբին վրայ կը տարածէին սեւ ստուեր մը որ խոնաւութիւնը կ’իւրացնէր եւ կը հոսեցնէր պատերն ի վար։ Դռնապանը իր հարցաքննող աչքերով զինքը կեցուց.

Ո՞ւր կ’երթաք։

Բժշկութեան ուսանող եմ։

Ու իր կռնակին դարձաւ, բնաւ փոյթը չընելով հաստատելու ըսուածին ճշդութիւնը։

Սատարօֆ քանի մը քայլ հազիւ առած ցած եւ հին դրան մը վրայ կարդաց. «Սպասման Սրահ»ը եւ անմիջապէս ներս մտաւ։

Հակառակ որ կանուխէն սկսուած էին consultationները այդ ժամուն դեռ մեծ բազմութիւն մը կար հոն, փայտէ գերաններու վրայ ցած առաստաղը կը կրթնէր եւ տեղ տեղ նոյն իսկ փլչելու կ’սպառնար։ Գործածութենէ սեւցած նստարաններու վրայ իրարու քով սեղմուած հիւանդներ կըսպասէին. անթափանցիկ պատուհաններէն տմոյն լոյս մը հազիւ թէ կը լուսաւորէր այդ չարաշուք ամբոխը եւ հականեքականներու հոտը այնքան ուժով էր որ բաց օդէն ներս մտնողի մը խղդուելու զգայնութիւնը կուտար կոկորդը սեղմելով ջղաձգօրէն։ Երբեմն հիւանդապահ մը դուռը կը բանար եւ թիւ մը կ’արտասանէր. դեդեւող ստուեր մը կէս լոյսին մէջ կը յառաջանար դէպ ի ներս եւ նորէն ծանր լռութիւն մը կը տիրէր, մասնաւոր կերպով վրդովիչ այդ ցաւագին մարդոց մէջ։ Սատարօֆ ծանր ծանր կը յառաջանար ամչնալով իր քայլերուն աղմուկէն որ կ’արձագանգուէր մինչեւ սրահին խորերը. ամենքը զինքը կը դիտէին գրեթէ կասկածով. ու իր վրայ ծանրացած հիւանդ եւ տենդագին աչքերուն հալածանքէն ազատուելու համար Սատարօֆ կը փնտռէր կիները...

Հոն անկիւն մը նշմարեց զանոնք. նախ ճերմակ գտակ մը եւ պառաւի գլուխ մը ու անոր քով Էվան...

Տիկին, առաւօտէն ի վեր ձեզ կը փնտռեմ։

Երկու ձեռքերով կը բռնէր անոր նիհար ձեռքը՝ թեթեւ մը քրտնած այս պահուն. Սատարօֆ իր հոգիին անշահախնդիր անձկութեան մէջ չէր գիտեր ինչպէս ինքզինքը բացատրէ դժբաղդ կնոջ. մինչեւ տարտամօրէն կը հասկնար թէ անիկա որչափ պէտք ունէր իր բարեկամութեան, բոլորովին մինակ, անոք եւ կորսուած քաղաքին մէջ։

Տեսա՞ք Անտռէն։

Դեռ ոչ։

Էվա իր քովը տեղ տուաւ Սատարօֆին նեղ նստարանին վրայ որ իր սովորական նստարանը դարձած էր այլեւս քանի մը օրէ ի վեր. այդ միջոցին մինակ Սատարօֆ նշմարեց որ միւս պառաւը լռիկ մնջիկ կ’արտասուէր. արցունքները հանդարտօրէն կ’իջնէին իր աչքերէն որոնց գոյնը անորոշ գորշագոյնի մը մէջ աւրուած էին եւ խորշումներուն վրայէն կ’անցնէին երբեմն դանդաղնալով բերնին անկիւններուն մէջ։ Քիչ մը անդին երիտասարդ աղջիկ մը գլուխը գերանի մը կրթնցուցած կը նայօր դիմացը ինքնամոռացման մէջ։

Ի՞նչ ունի այս կինը։

Տղան մեռեր է։

Էվա առօրեայ շփումին պատճառաւ այս դժբաղդութեան եւ յուսահատութեան միջավայրին մէջ, գրեթէ տեսակ մը զգացումներու բթացման ենթարկուած էր. անոր համար էր որ չոր կտրուկ ձեւով մը պատասխանեց Սատարօֆին՝ մինչ անիկա զարմացումով կը դիտէր Էվաին դէմքը բոլորովին այլափոխուած քանի օրէ ի վեր։ Դեմքին ամբողջ մկանունքները ձգտուած բան մը ունէին եւ ճակատը լայնցած կը թուէր իր անխնամ կերպով յարդարուած մազերուն պատճառաւ. երբեմն քրտնքի կաթիլներ կը բողբոջէին մազերուն արմատին եւ տենդէն չորցած խրթունքներուն վերեւը. ճերմակ դէմքին վրայ շրթունքը աւելի բարակցած էր եւ ռնգունքները թափանցիկ էին. անոր սեւ աչքերը վիրաւորուած եղնիկի մը ցաւագին անուշութիւնը ունէին, աւելի նիհարցած fébrile ճկունութիւն մը ստացածէր որ անսովոր հրապոյր մը կուտար իր ամբողջութեան կարծես բոլորովին նուիրագործուած հոգեկան ցաւին սաստկութենէն. իր շուրջը գտնուող միջակութիւններու մէջ ինչպէ՛ս իր սլացիկ եւ գալարուող հասակը կը կորսուէր հովէն մտրակուած եղէգի ցողի մը պէս. տարաշխարիկ ծաղի՛կ, արեւին կարօտովը սգաւոր եւ թառամելու դատապարտուած մեծ քաղաքին մշուշոտ եւ տարամերժ միջավայրին մէջ. իր քաղցր եւ համակերպող աչքերը կ’ըսէին բոլոր ասոնք կարծես իրենց մէկ նայուածքով երբ գլուխը ծռած մտիկ կ’ընէր Սատարօֆին։ Անիկա կը պատմէր իրեն առաւօտեան courseերը Սիբիօն փողոց եւ Մաթէրնիթէ. իրեն կը խօսէր աղջկանը վրայ, ջանալով որսալ գոհունակութեան ժպիտ մը մօրը դէմքէն...

Հիւանդապահը միշտ կը ներկայանար եւ լուռ սրահին մէջ կ’արտասանէր թիւը. գործաւորի պլուզով վատառողջ դէմք մը յառաջացաւ թեւը կապուած եւ այլեւս աշխատութեան համար անօգուտ՝ կախուած վզէն։

Շատո՞նց է որ կըսպասէք կոր։

Այս հարցումին միայն Էվա դղրդուեցաւ բոլոր էութիւնովը եւ Սատարօֆ նշմարեց որ բերանը կը ձգտուէր ջղաձգօրէն շրթունքներուն ներքեւէն կաղապարելով ակռաներուն շարքը եւ իր աչքերը ա՛ք աւելի կը սեւնային, գրեթէ կը կուրնային այնքան անթափանց եւ անփայլ մթութիւն մը կը ստանային։

Բայց Պարոն Սատարօֆ ամէն օր կըսպասեմ ես այսպէս կամ հոս կամ Մաթէրնիթէ... օրուան մեծագոյն մասը կ’անցնի սպասման սրահներու մէջ միշտ սպասելով վերջնական դժբաղդութեանը որ պիտի չուշանայ...

Ինչո՞ւ այսչափ յոռետեսութիւն, Տիկին...

Պարոն Սատարօֆ, աւելորդ է զիս խաբել այլեւս. երէկ կէս օրէն ետք Անտռէն տեսայ... մինակս էի եւ ճիշդ վրայ հասայ ահռելի տագնապի մը որ ինծի կարծել տուաւ թէ ոգեւարն էր արդէն։ Քիչ մը կեցաւ դժուարաւ թուքը կլլելով։

Կ’երեւայ թէ այսպէս յաճախ ջղային տագնապներ կունենայ որ կը ծանրացնեն իր վիճակը. այս առաւօտ իր սրահին հիւանդապահէն իմացայ որ երեք գիշեր շարունակական նուաղումներ ունեցեպ է եւ ամէն սթափումին ինծի եւ աղջիկը ուզեր է տեսնել, անոր համար ստիպողական ձեւով կանչեր են զիս։

Բայց ինչո՞ւ անմիջապէս ձեզի մօտը չտարին։

Այդ գիտէք որ անկարելի է. պէտք է սպասել... ա՜հ այս պէտք է սպասել հոս երկար ատե՛ն, անվերջանալի ժամերու մէջ որպէս զի հազիւ թէ քառորդ մը կարենամ Անտռէն տեսնել, այն ալ ի՛նչ վիճակի մէջ. Աստուածս, ու յետոյ առանց շունչ առնելու պէտք է վազել Մաթէրնիթէ ու հոն անհամբերութենէ սպառիլ, սպասման սրահին մէջ որպէս զի կարենամ աղջիկս համբուրել։ Յոգնած գլուխը ալ աւելի ծռեց եւ մատները իրարու անցուց, յետոյ աւելի մեղմ, թաշկինակը փնտռեց եւ ճակտին վրայէն սրբեց քրտինքը որ կը յառաջանար մինչեւ քունքերը։ Քովը պառաւը միշտ կ’արտասուէր իր ցաւին մէջ առանձնացած ու եսական գրեթէ hostile Էվաին տառապանքին։

Սպասողները մէկիկ մէկիկ կ’անհետային եւ սպասման սրահը աւելի ցուրտ եւ տխուր կը կը դառնար գրեթէ մութ՝ անթափանց ապակիներէ անցնող լոյսը անկարող ըլլալով գերաններու մէջ թափառող ստուերները ցրուելու։ Սատարօֆ ոտքի կանգնած կը նայէր Էվաին եւ հիմակ կը հասկնար անոր ամբողջ էութեան վրայ դրոշմուած գլխաւոր տաղտուկը, անսահման յոգնութիւնը սպասման սրահներու մէջ դեգերող կեանքին։ Դէպի առաջք երկնցած թուշը ու անհամբեր ոտքերը որ շարունակ կը շարժէին սեւ շրջազգեստին տակէն իր սեղմուած շրթունքը, բոլորն ալ կը բացատրէին մանաւանդ երբ անոր հարցուց.

Ի՞նչ կ’ըսեն կոր բժիշկները Անտռէի համար։ Էվա գրեթէ փութկոտութիւնով եւ տասակ մը շեշտով պատասխանեց.

Կ’ըսեն թէ երկար չպիտի տեւէ...

Սատարօֆ բոլոր հասակովը կանգնեցաւ, պատրաստ՝ զայն դատապարտելու եւ միանգամ ընդ միշմտ հեռանալու Էվաէն բայց անոր վիրաւոր եղնիկի աչքերը իրեն դարձան եւ հանդարտութեամբ հանգչեցան իր վրայ. հակառակ իրեն, ձեռքերը դողդղացին եւ տկարութիւն զգաց մինչ այդ մթին նայուածքը կարծես ինքզինքը պաշտպանելու համար ողոքիչ, դառն եւ յուսահատ կը կրկնէր.

Սպասել, սպասել, սպասել...

 

Օդը կը մթննար եւ սպասման սրահին մէջ գերանները ցցուած շուքեր կը ձգէին որոնք գետին վրայ կը խաչաձեւէին զիրար. պառաւը իր անկիւնին մէջ կ’արտասուէր. բայց արցունքները աւելի ցանցառ էին եւ արտեւանունքը կարծես մորթազերծ կ’արիւնէին... consultationի սրահէն բժշկապետին ձա՞յնը կը լսուէր որ յստակ շեշտերով տեղի անուններ կ’արտասանէր. հեռաւոր որոտումներ կը լսուէին եւ կայծակը կը փայլատակէր երբեմն. հիւանդանոցի ժամացոյցը կէս օր զարկաւ. քիչ մը ետքը Սատարօֆ եւ Էվա մինակ էին սպասման սրահին մէջ եւ կսպասէին որ հիւանդանոցին պաշտօնեաները ճաշեն եւ ցորեկուան հանգիստի ժամը անցընեն որպէս զի կարենան իրենցմով զբաղիլ։

 

ՎԵՐՋ