Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

Երկայն, երկայն ատենէ ի վեր՝ գետինը օրօրոցին քով նստած էր Էվա, կէս գիշերը շատոնց անցած էր արդէն. դուրսէն կը լսուէր ծանր սայլերուն թաւալումը միայն որ վայրկեան մը գիշերուան լռութիւնը վրդովելէ ետքը կ’ անհետանային քաղաքին հեռաւորութիւններուն մէջ։ Կանթեղին տժգոյն եւ պլպլուն լոյսը հազիւ թէ մութին ստուար սեւութիւնը կ’անօսրացնէր, այնպէս որ կարասիները կ’երկննային իրենց ստուերներու մէջ ու անկիւնները բոլորովին մութ կը մնային։

Էվա գլուխը բարձր բռնած, աչքերկ սեւեռուն տեղ մը՝ կը մնար. յայտնի էր թէ idée fixe մը կ’անշարժացնէր զինքը. եթէ մէկը կարենար զայն տեսնել այդ պահուն, մեռելի պէս տժգոյն դէմքովը՝ որուն վրայ աչքերը չափազանց բացուած իրենց սեւ նայուածքը կը յորդէին, եթէ մէկը տեսնէր սեղմուած շրթունքները եւ իր ամբողջ երեւոյթին սարսափի եւ վրդովմունքի արտայայտութիւնը՝ զայն հիւանդ պիտի կարծէր անշուշտ։ Երբեմն յանկարծ կը սթափէր ցուրտէն որուն սարսուռները ուսերէն՝ վերէն վար կը սահէին ամբողջ մարմինը ցնցելով եւ մեքենաբար՝ կռնակն ի վար ինկած շալին մէջ պատսպարուելով թեւերը կը դնէր քովը գտնուած աթոռին վրայ եւ պահ մը գլուխը կը հանգչեցնէր։ Կանթեղը կը քթթէր իր լոյսը եւ հետզհետէ կը տժգունէր, կը խեղդուէր խտացող մութին մէջ. պատուհանին առաջք մեղմօրէն անձրեւը կը մրմնջէր. յետոյ խորին լռութիւն մը կը համրացնէր ամէն շշուկ։ Այդ պահուն Էվա կէս թմրութեան մը մէջ ամոքուած կ’զգար արդէն երբ Անտռէ սկսաւ հազալ։

Նախ պզտիկ հազ մը, ընդհատուած, որուն միջոցին անկողինը կճռտաց անտռէի անհանգիստ շարժումներէն. յետոյ հազի տագնած մը զայն խեղդեց. մէկէն անկողնին մէջ նստաւ եւ հազիւ տագնապէն ազատած դեռ խռպոտ ձայնով մը ըսաւ.

Ինչո՞ւ չես պառկիր, Էվա՛։

Հարցումը՝ որ անպատասխան մնաց, լուռ սենեակին մէջ կարծես թէ երկարաձգուեցաւ. պահ մը ետքը կրկնեց։

Էվա՛... պիտի մսիս հոտ։

Հազը նորէն խեղդեց ձայնը եւ այս անգամ այնքա՛ն ուժգնօրէն որ Անտռէ կը ցնցէր գրեթէ անկողինը եւ ձեռքերովը կը բռնէր կուրծքը որ կարծես պիտի քանդուէր։ Սրտի բաբախումներէն շնչասպառ եղած գլուխը ձգեց բարձին վրայ։

Էվա այս անգամ քովը եկած էր. յուզմունքէն ձեռքերը կը դողդղային երբ թաշկինակով անոր ճակատը կը սրբէր. պեխերը լորձունքէն դեռ խոնաւ էին եւ անոր ճերմկած ու բարակ շրթներուն վրայ կը փակչէին. Էվա կամաց մը հարցուց.

Բան մը կուզե՞ս Անտռէ՛, ըսէ։

Չէ՛ Էվա, հիմա կ’անցնի։

Ցաւ մը ունի՞ս, Անտռէ։

Ո՛չ, ո՛չ։

Անտռէ գրեթէ բարկութեամբ ըսաւ այս վերջին բառերը, գլուխը ցնցելով բայց հազիւ թէ անոնք արտասանուած էին, յանկարծ նսիաւ անկողնին մէջ եւ անսահման տկարութեան մը՝ գրեթէ ինքնալլկումի մը մէջ իր հոգին չարչարող հոգերը յայտնեց կնոջը. անիկա տղու մը պէս կուլար, երկայն հեծկլտանքներով ու բառերը կը խեղդուէին կոկորդին մէջ ու ձայնը խռպոտ, մածուցիկ լորձունքէն խոնաւ ձայնը յուսահատօրէն կը հաստատէր սրտին խորը պահուըտած կասկածը. այդ կասկածը իրականութիւն էր այլեւս իրեն համար, այնքա՛ն ողնայարին վրայ կըզգար պաղ քրտինքի մը, գրեթէ աննշմարելի բայց յամառ քրտինքին սարսուռը։

Էվա՛, դուն չես գիտեր, ես կորսուած եմ, բոլորովին, ա՜հ բոլորովին. ալ ձայն չունիմ, իմ միակ ոյժս, միակ յոյսս, Էվա՛, ես պիտի մեռնիմ, ես պիտի մեռնիմ, շատ աղէկ գիտեմ որ պիտի մեռնիմ։

Թէեւ Էվա բնազդով կ’զգար Անտռէին խօսքերուն ճշմարտութիւնը բայց այս յանկարծական հարուածէն չընկճեցաւ. գերմարդկային ուժ մը կ’զգար իր մէջը, իբր թէ երկրորդ անձ մը ըլլար հոն՝ իր անձին իսկ ուրուականը Անտռէի անկողնին քով. մինչ անդին գետինկ բուն Էվան կ’երազէր միշտ իր ոսկեղէն երազը։ Ասոր համար թերեւս առանց յուզմունքի պատասխանեց.

Անտռէ՛, խենդ բաներու մի՛ խորհիր, ունեցածդ բան մը չէ, վստահ եմ։

Անտռէ մէկէն չպատասխանեց անյագօրէն լսելով այդ յուսատու բառերը որ իրեն կարծես կեանք կը բաշխէին. բայց նորէն տիրող գաղափարը ճակատը կնճռոտեց։

Մի՛ խաբեր ինծի Էվա՛, անօգուտ է, ես չե՞մ գիտեր. այս խուլ ցաւերը կուրծքիս եւ ուսերուս մէջ, գիշերները՝ քրտինքս, տկարութիւնը որ կ’զգամ ամբողջ մարմնոյս մէջ ու հազը՜, ա՜խ... հազը։

Անտռէ՛ կը հասկնամ որ տկար ես. բնական է, այնքան յոգնեցանք, այնքան տառապեցանլ այս վերջին օրերս. բայց ինչո՞ւ կը յուահատիս, ծանր բան մը չկայ, ապահով եղիր։

Յամառութեամբ անիկա կը կրկնէր։ Հազը… հազը՜…

Հազը՜, բայց հարբուխ է, պիտի անցնի։

  Անտռէ սպառաց՝ թողուց որ կինը զինքը պառկեցնէ։ Էվա խնամքով վերմակները կը բարձրացնէր մինչեւ անոր ուսերը եւ հոն ոտքի վրայ կեցաւ մինչեւ որ քունէն ծանրացած արտեւանունքները ծածկեցին աչքերը, արհաւիրքով եւ տենդով լեցուն աչքերը։ Այն ատեն Էվա վրդովուած գնաց տղուն օրօրոցին քով, տղան անհոգ՝ կը քնանար. մայրը տխրութեամբ կը ժպտէր գլուխը դէպ իրեն հակած երբ վերջապէս թողուց զայն եւ նորէն գետինը տարածուեցաւ օրօրոցին քովը եւ գլուխը դրաւ թեւերուն, աթոռին վրայ։

Հակառակ իրեն յայտնուած սարսափելի իրականութեան՝ Էվա անմիջապէս չխորհեցաւ անոր, նորէն որոշ զգայնութիւնը ունեցաւ ուրիշ անձ մը ըլլալու որ միայն լսած էր միւսին խօսքերը Անտռէի անկողնին քով եւ նոյն իսկ կ’զգար այս միջոցին արտասանուած խաբեբայ խօսքերուն բոլոր ունայնութիւնը։

Աւելի ուշ երբ կը խորհէր այդ ցուրտ եւ անձրեւոտ գիշերուան ուր առաջին անգամ Էվաին ներկայացած էր իրենց սպառնացող գերագոյն չարիքը, չէր կրնար բացատրել թէ ի՛նչ հրեշային անտարբերութեամբ խորհած, գրեթէ մէկ կողմ նետած էր այդ գաղափարը եւ մինչեւ լոյս ալ չէր մտաբերած անգամ զայն։

Իրականութիւնը այն էր որ երբ Էվա գլուխը դրաւ թեւերուն վրայ եւ աչքերը սկսաւ գոցել անմիջապէս իր ընդհատուած երազանքները զինքը գրաւեցին, ասիկա յարատեւումն էր հեշտագին զգայնութեան մը որ զինքը կը պահէր մշտնջենական յուզմունքի մը մէջ։ Առաւօտուն հիւանդանոցէն գալէն ի վեր անհամար անգամներ վերյիշած էր եղելութիւնը ու այս անգամ ալ նորէն իր տղուն օրօրոցին եւ հիւանդ ամուսնոյն քով կը խորհէր անոր, գրեթէ ալ առանց խղճմտանքի այնքա՛ն ամբողջովին գրաւուած էր այլեւս ու ինքզինքը կ’զգար վերջնականապէս նուաճուած, ինչպէս վիրաւոր թռչուն մը որսորդին ձեռքին մէջ։

Երկվայրկեանէ մը կարծես երազի մէջ նորէն ինքզինքը տեսաւ որ կ’իջնէր Լէվրէ սրահէն. ճամբան կորսնցուցեր էր եւ առաջին հանդիպած սանդուղէն իջաւ, հիւանդանոցէն հեռանալու աճապարանքին մէջ խորհելով թէ վեպջապէս պարտէզ պիտի իջնէր, երբ կրկին ինքզինքը գտաւ ուրիշ նրբանցքի մը մէջ. քիչ մը անդին նորոգութեան համար գործաւորներ գետիը կը քակէին. անոնց պիտի հարցնէր ճամբան երբ միւս կողմէն տեսաւ Բրացը որ Լէոնդինին հետ կաթի շիշեր կը տեղաւորցնէր կողովի մը մէջ. ե»կուքն ալ զբաղած՝ զինքը չտեսան. երբեմն Լէոնդինին ձայնկ կը լսուէր, սուր եւ անհանգիստ ընող ձայնթ որ խնդալով կ’ըսէր։

Ա՜հ, Պարոն Բրաց, ի՞նչ զարմանալի էք։

Էվա կը տեսնէր որ Բրաց ալ կը խնդար. ի՞նչ կրնային ըսել իրարու այնքան մտերմութեամբ. ի՞նչպէս Բրաց կրնար խնդալ այդ աղջկանը հետ երբ գիտէր թէ ի՞նչպէս չար էր անիկա. օ՜հ թերեւս եթէ Սիւզանին ալ հանդիպէր, անոր հետ ալ պիտի խօսակցէր, խնդար առանց խորհելու որ այդ անսիրտը թողուցած էր որ վերը պզտիկ մը մեռնի մօրը քով, անօգնական…։

Նորէն մտքին ներկայացաւ պզտիկ դիակը Ֆրանսուաի թեւերուն մէջ նշաւակ իրենց անհեթեթ կատակներուն. ու իրեն այնպէս թուեցաւ թէ ամէնքն ալ, ամէնքն ալ, հիւանդապահներէն մինչեւ բժիշկները պատասխանատու էին այդ մահուան մէջ, այդ նորածին եւ անպաշտպան էակին սպաննութեան մէջ ու այդ պահուն հասկցաւ թէ ինչո՞ւ ժողովուրդն իր բնազդին մէջ կասկածով կը նայի այդ հաստատութիւններուն։

Իր միսին մէջէն կը զգար տարաբաղդ մօրը ցաւը, անմխիթարելի ցաւը ի զուր զաւակը կորսնցնելուն. երակներուն մէջէն զգաց ըմբոստացող արիւնը որ կը խուժէր գլուխը զինքը խուլցնելով ու կուրօրէն կը յառաջանար դէպ անոնց չգիտնալով իսկ թէ ի՞նչ պիտի ըսէր։

Անտարակոյս ինքզինքը բոլորովին կորսնցուցած պիտի ըլլար այդ պահուն եւ կը զարմանար երբ կը յիշէր թէ ոտքի վրայ էր հոն կիսովին քանդուած գերանի մը վրայ, ապուշցած, առանց խօսքի, բոլոր գործաւորները կը պօռային.

Մի՛ շարժիք, վար պիտի իյնաք։

Ոտքերուն ներքեւ գերանը առկախ կը տատանէր, որոշակի լսեց որ գործաւորները կը խնդային իր վրայ։

Խենդ է.

Ես կ’ըսեմ թէ գիշերաշրջիկ է։

Լոյս ատե՞ն. ահաւասիկ զուարճալի պատմութիւն մը։

Այնչափ ալ զուարճալի չէ. խե՛ղճ կինը։

Րոպէ մը մէջ հասկցաւ իր ըրածին տխմարութիւնը. չեր կրնար յառաջանալ որովհետեւ գերանը հետզհետէ հեռանալով բաւական տեղ բաց էր ձգած. գաղափարկ որ Լէոնդին եւ Բրաց վրան կը խնդային բոլորովին շուարեցուց զինքը բայց նոյն րոպէէն իսկ տեսաւ Բրացը որ հանդարտութեամբ կը յառաջանար դէպ իրեն. անոր աչքերուն մէջ հեգնութիւն չկար, օ՜հ, ոչ, ընդհակառակը շատ լուրջ եւ տխուր կ’երեւէր իրեն եւ մանաւանդ զգալի կերպով յուզուած. դեռ իրեն չհասած՝ վստահեցնող եւ հաստատ շեշտով մը ըսաւ.

Հիմա պիտի գամ, Տիկին Էվա, մի՛ շարժիք։

Եւ կարծես ներում խնդրելու համար.

Ձեր կաթը պատրաստելու վրայ էի. կը տեսնէք թէ ինչո՞ւ ուշ մնացի…

Ձայնը դողդղաց, հիմակ դիմացը կեցած խորհէր. մէկէն թեւերը երկնցուց, գործաւորներ պոռացին նորէն. բայց անոնք մտիկ չըրին։

Ասիկա պարզ բայց զգլխիչ բան մը եղաւ. Էվա խելայեղօրէն կը զգար անոր տաք շունչին փայփայանքը իր դէմքին վրայ. հիմակ Բրաց բռնած էր զինքը մէջքէն եւ դէմքը հակած էր անոր դէմքին. ու այսպէս յամրաբար Էվայի դղրդուած էութեան մէջ կը հոսեցնէր իր նայուածքին գինովցող թոյնը։

Գործաւորները բանէ մը չկասկածելով իրենց գործին գացին. այսպէս ինքզինքնին բոլորովին մինակ կը զգային նրբանցին ցած եւ սեւցած կամարներուն ներքեւ այնքան իրարու մօտ, որ իրենց էութենէն արտաշնչուող ջերմութիւնը կը խառնուէր իրարու ու իրենց սեղմուած կուրծքերուն տակէն փոխադարձաբար կզգային սիրտերնուն անկանոն եւ արագ բաբախումները. րոպէ մը հազիւ տեւեց եւ Բրաց միշտ Էվայի մէջքէն բռնած մեղմօրէն յառաջացուց նրբանցքին մէջէն եւ եւ իրարու ոչինչ, ոչինչ կ’ըսէին, այնքա՛ն յուզուած էին եւ մանաւանդ զիրար արդէն այնքա՛ն լաւ կը հասկնային։

Լապոռաթուառ ին առաջք հարկ եղաւ բաժնուիլ. Բրաց զայն անգամ մըն ալ սեղմեց իր վրայ եւ ասիկա իրենց հրաժեշտը եղաւ առանց խօսքի, առանց շարժումի, երկուքն ալ չափազանց տժգոյն, ուրուականներու նման։

Քիչ ետքը Մատերնիթէի մթին կամարներուն ներքեւ Բրաց կ’երթար իր serviceին, պատին կռթնած Էվա կը նայէր անոր հեռանալկ գինովն պէս դեդեւելով։ Երկու հիւանդապահուհիներ ճերմակ գդակներով անցան։ Այն ատեն Էվա մեքենաբար առաւ իրեն համար պատրաստուած կաթը եւ մեկնեցաւ պարտէզէն, միսը դղրդուած եւ արիւնը մտրակուած մինչեւ այն ատեն իրեն անծանօթ տենջանքէ մը, աննուաղելի եւ յաւիտենական մահուան պէս։ Չէ՞ մի որ գերագոյն ճգնաժամէ մը անցած էր, ոգեվարէ մը՝ իր ամբողջ ցաւերով եւ տենդերով եւ այնքան լաւ զգացած էր անէանալը՝ մարմինը անոր մարմինին քով երբ, աչքերը կը գոցէր վայրագ եւ անողոք իրականութեան համար։

Բոլոր ճամբուն նուաղումներ կ’զգար եւ կ’ստիպուէր հանգչելու Պուլըվառին նստարաններուն վրայ, այնքա՛ն յիշատակը անոր փայփայանքին ամբողջ անձը կը թրթռացնէր եւ կարծես կ’զգար հիւլէ առ հիւլէ դէպ անոր երթալը, իր բոլոր ներքին անշօշափելի եւ վրդովուած էութիւնովը. այսպէս ամբողջ օրը արիւնը երգած էր իր սրտին կուրցնող եւ սպաննող հրայրքը եւ բոլոր օրը շիչասպառ բաբախումներէ բան մը չէր կրցած ընել, հազիւ թէ պզտիկովը զբաղած, միշտ կրկնելով սիրելի անունը մեքենաբար.

Բրաց, Բրաց...

Իրիկունը զգացած էր որ ամուսնոյն հարցաքննող նայուածքը կը ծանրանար վրան, Աստուածս, ի՛նչպէս ցաւոտ, ընկճուած երեւոյթ մը ունէր. բոլոր ասոնք տեսած էր տարտամօրէն, նայուածքը հեռուն կորսուած, երազի մը մէջ. բնաւ չէր ընթրած եւ աւելի ուշ չէր ուզած պառկիլ ամուսնոյն քով. դեռ մարմինը շատ բաբախուն ուրիշտ մը գգուանքներէն...

Էվա՛, Էվա՛...

Ասիկա գերագոյն, յուսահատական կոչ մըն էր. դժուարաւ Էվա աչքերը բացաւ. երկարատեւ քնատութենէն արտեւանունքները ծանրացեր էին եւ ֆիզիքապէս ցաւ կ’զգար զանոնք բանալու համար.

Ա՛խ Էվա, հիմա հասկցայ, ամէն բան կը հասկնամ...

Տմոյն լոյս մը ճերմկցուցած էր պատուհանները. կանթեղը կը կուրնար ծագող լոյսին մէջ. եւ Էվա սառած էր աշնան այդ ցուրտ առաւօտուն, մէկէն ոտքի ելաւ։

Անտռէ անկողնին մէջ ծունկերուն վրայ նստած էր. շապիկը կիսովին բացուած՝ կը ցուցնէր նիհար եւ կապտորակ կուրծքը. երկնցած վիզը դուրս կը ցայտեցնէր ուռած երակները եւ աչքերը. կզակը սեղմուած կը հեծեծէր խուլօրէն. այրող արցունքի կաթիլներ երեսն ի վար կը գլտորէին։

Ախ, Էվա, հիմակ է որ կը հասկնամ...

Էվան ալ տժգոյն էր աչքերը շրջանակուած էին ծիրով մը որուն սեւութիւնը մինչեւ այտերը կը տարածուէր. ամօթէն եւ գթութենէն չէր համարձակեր ամուսնոյն մօտենալ. աւելի պիտի ընտրէր կատաղութիւնը նոյն իսկ կոպիտ բարկութիւնը քան այս բացարձակ ընկճումն իր ամուսնոյն՝ որուն հիմա կ’զգար թէ ինչպէս կապուած էր հակառակ ամէն բանի. հետեւաբար անկեղծութեամբ էր որ եկաւ դէպ անոր, ծածկեց վերմակներովը եւ զայն քնացուց անուշ բառերով որոնց մէջ շեշտը կար դառն ցաւին եւ անդարմանելի յանցանքին որ մահածու կերպով վիրաւորուած էր հոգին։

Անտռէ ակռաները կը կափկափէր վերմակներուն տակ եւ կը թողուր որ կինը ուզածը ընէ ինքզինքը ձգելով անոր տղու մը պէս, դժբաղդ եւ տկար տղու պէս, արդէն յոգնած ապրելէն եւ պայքարելէն։

Արշալոյսը հետզհետէ կը ճերմկցնէր առարկաները եւ միշտ անձրեւը կ’իջնէր ապակիներէն վար. կաթնավաճառներու կառքերը կ’անցնէին թիթեղեայ անօթներու աղմուկովը խանգարելով առաւօտեան հանդարտութիւնը։

Միշտ Անտռէ կը դողդղար եւ յամառութեամբ կը կրկնէր առանց դադրելու։

Ա՜խ համկցայ, հասկցայ...

Էվա չէր ըմբռներ իսկ ճշդիւ այս խօսքերուն իմաստը ու կը ջանար հանդարտեցնել զայն տեսնելով որ արդէն ո՛րքան հիւանդ էր, շատ աւելի քան ինքը կարծած էր. ու այդ աւրուած ու անճանաչելի դէմքը որ մէկ գիշերուան մէջ կարծես տարրալուծուած էր, անանկ սուր ցաւ մը կը պատճառէր իրեն որ միտքը դրաւ ամէն միջոց գործածել զայն հանդարտեցնելու. եւ ասոր համար քաջութեամբ հարցուց։

Անտռէ՛, ի՞նչ հասկցար։

Ա՜խ հասկցայ որ ինձմէ կը զգուշանաս, կը տեսնե՞ս որքան հիւանդ եմ արդէն, եւ գիտեմ թէ իրաւունք ունիս իմ քովս չգալու, ինձմէ զանելու, դուն այնքան առողջ...

Էվա որքան որ շփոթեցաւ այս յայտնութենէն, միւս կողմէ գոհ եղաւ ներքնապէս իր հոգւոյն գաղտնիքը մատնուած չըլլալուն. ու բոլոր սրտովը, վեհանձնաբար մխիթարեց Անտռէն անոր այնպէս վստահութեան ապացոյցներ տալով որ քիչ մը ամոքուած՝ հանգչելու։ Անիկա չէր քնանար սակայն, աչքերը խոշոր բացած կը հետեւէր Էվաին շարժումներուն կարծես զայն լրտեսելով երբ անիկա ստուարի մը պէս կ’երթար կուգար սենեակին մէջ անշշուկ։

Հազի տագնապ մը նորէն ցնցեց Անտռէն. բայց այս անգամ աւելի տկար. ուժաթափութենէն չկրցաւ թաշկինակը գտնել եւ Էվա ստիպուեցաւ սրբել թուքը բերնին վրայէն. հազիւ թէ հանդարտա մրմնջեց.

Ա՜խ, ի՞նչ պիտի ընենք, ի՞նչ պիտի ընենք Էվա՛։

Հոգ մի ըներ Անտռէ... դեռ 5 ֆրանք ունինք. դուն պէտք չէ որ այսօր դուրս ելնես այս անձրեւոտ խոնաւ օդով, աշնան մէջ հարբուխը պէտք է լաւ խնամել. դուն պառկէ ես հիմա քեզի տաք թէյ կը պատրաստեմ։

Էվա, սիրելիս, ի՞նչպէս պառկիմ երբ այնքան բան կայ ընելիք յետոյ, վաղը՞…

Վաղը՞… պահ մը վարանեցեցաւ Էվա յետոյ քաջութեամբ աւելցուց.

Նախ 5 ֆրանքը վաղուան ալ կը բաւէ եւ վերջապէս վաղը՞, վաղը կը մտածենք։

Բարեբաղդաբար պզտիկին կաթը ապահովուած է, այնպէս չէ, Էվա՛։

Անիկա չպատասխանեց. բայց Անտռէ չտեսնելով անոր վրդովմունքը շարունակեց.

Պիտի երթա՞ս այսօր կաթ առնելու։

այս անգամ Էվա գլուխը դարձուց եւ դէպի պատուհանը գնաց։ Անտռէ ինքն ալ աչքովը հետեւեցաւ անոր եւ դիտեց։

Պատուհանէն դուրս գորշագոյն հորիզոնը կ’ երեւէր խճողուած՝ աբարդման ներու տանիքներէն սլացող ծխաններով։ Ասդին անդին մուխի սեւ գիծ մը կը բարձրանար եւ կը տարածուէր սեւ դրօշակի մը պէս խոնաւ տանիքներուն վրայ ու երկինքը ամպերով փոթորկալից, կ’իջնէր, կ’իջնէր դէպ ի վար ճնշելով կարծես ամբողջ քաղաքը իր սգաւոր կուրծքին ներքեւ։