Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

Թրամուէյը արագութեամբ կ’անցնէր էնվալիտ ներէն. խոնաւ գետնին վրայ reverbèreները կը ցոլանային երկայի լուսեղէն գիծեր շինելով եւ երբեմն միայն հեռուէն ուրիշ թրամուէյի մը կարմիր լապտերը արագութեամբ կ’անցնէր պահ մը շառագունելով գիշերուան մշուշը որ հիմա սեւ շղարշի մը պէս թեթեւ կ’ըստուերէր պուլըվառ ին ծառերը եւ աբարթըման ները. Սատարօֆ թրամուէյին վրայ՝ հազիւ թէ պատսպարուած էր իր երկայն վերարկուին մէջ. երբեմն ջանքեր կ’ընէր ալ աւելի ծածկուելու եւ կ’երեւայ թէ առանց արդիւնքի, որովհետեւ կը ցնցուէր բոլոր մարմնովը ցուրտէն եւ ի զուր կը ջանար հանդարտ դիրք մը առնել կարենալ խորհելու համար։

Թրամուէյը միշտ կը թաւալէր. ժամը տասնի մօտ էր արդէն եւ ասդին անդին խանութներ կը գոցուէին. փեղկեր կ’իյնային շառաչիւնով մինչ ուրիշներ աստիճանաբար կը ծածկէին ցուցադրուած առակները. հիմակ այլ եւս խաղաղ եւ լռին թաղի մը մէջ էին. հետզհետէ ճամբորդները իջան եւ անհետացան քովնտի փողոցներու մէջ. մինակ Սատարօֆ մնաց իր անկիւնը եւ ալ կարծես համակերպած իր վիճակին արմունկը դրաւ նստարանին յենակին եւ գլուխը հանգչեցուց. երբեմն օդին մէջ կառապանին մտրակը կը շաչէր եւ ձիերը կ’շտապէին։

Շատ ուշ մնացի, խորհեցաւ Սատարօֆ եւ սպասեց կայարանի մը հասնելու, ժամը նայելու համար։

Այդ միջոցին անցորդները կը ցանցառնային փողոցին մէջ եւ խանութները ալ գործուած էին, միայն ասդին անդին սրճարան մը իր լոյսերը կը յորդէր մինչեւ սալայատակին վրայ եւ աղմկալից խօսքեր, երգի կտորներ կը խուժէին դուրս ամէն անգամ որ դուռը բացուէր. աբարդըմաններուն մէջ լոյսերը կը մարէին ու մեծ մասամբ փեղկերը գոց էին. ասդին անդին հազիւ սքօղուած լոյս մը լուսամփոփին երանգովը կը գունաւորէր վարագոյրները, Սատարօֆ այսպէսով նշմարեց վարդագոյն պատուհան մը չորրորդ յարկի մը վրայ. թափանցիկ վարագոյրներուն ետեւէն ստուերներ կ’անցնէին- յետոյ դաշնակի ձայն մը. հոնկէ՞ց էր արդեօք. ու թրամուէյը գլտորեցաւ դէպ ի նոր փողոց մը. Սարատօֆին մտքին մէջ կը յամառէր դաշնակին վերջին noteը առանձին՝ կղզիացած, այս անիմաստ յաճախումէն ջղագրգռուած միւս կողմին դարձաւ։ Սէնը կ’երկարէր ցեխոտ եւ մթին գալարուելով քաղաքին մէջէն սեւ օձն մը պէս. հոս մառախուղը ալ աւելի խիտ էր եւ Բլաս տը լԱլմաի լոյսերը կը խղդուէին անոր մէջ հազիւ թէ անցոլք դեղին կէտեր կազմելով, գետէն անդին քաղաքին հորիզոնը կը բարձրանար պալատներու, միւզէներու եւ եկեղեցիներու գմբէթներովը ծանրացած եւ խճողուած անհամար աբարդման ներով. ամէնքը մէկանց խանձարուրուած մշուշի մէջ այնպէս որ իրենց ուրուագիծը բոլորովին կը կորսուէր մթնոլորտին մէջ եւ երկնքին վրայ սեւ ամպեր, փոթորիկներով սպառնագին՝ կը սաւառնէին։ Սատարօֆ խորին մելամաղձոտութիւն մը զգաց ինչպէս եթէ բոլոր այս մթին հորիզոնը ճնշէր իր վրայ եւ յամառութեամբ աչքերը կը սեւեռէր Սէնի վրայ երկարած կամուրջներուն, հետզհետէ անտեսանելի, մութին մէջ եւ որոնց կամարները կարծես կուրուագծուէին Սատարօֆի մտքին մէջ՝ բարձրացած երկաթեայ ցողերու կմախքինա վրայ որոնց ներքեւէն լռին՝ կը սողոսկի գետը. ու այդ սեւ ջուրերուն հոսանքը տղայական սարսափ մը տուաւ իրեն մինչ նայուածքը կը դեգերէր կարմիր լապտերներուն՝ մէկէն միւսին անոնց արիւնոտ եւ քթթող լոյսին կառչաց։

Այլեւս ամէն մտածում մարեցաւ Սատարօֆի մտքին մէջ մինչեւ որ թրամուէյը հասաւ Բլաս տը լԷթուալ եւ հոնկէ կէս մը տխմարցած, գլխիկոր քալելով հասաւ Ավընիւ Վակրամ տիկին Զանսքիի բնակարանը. արդարեւ ժամը բաւական յառաջացած էր. մուտքին դուռը արդէն գոց էր եւ Սատարօֆ րոպէ մը մտածումը ունեցաւ վերադառնալու. բայց փողոցը ա՛յնքան ցուրտ էր եւ տխմարած այս ժամուն եւ օմնիպիւս ներու թաւալումը հեռաւոր՝ չարագուշակ արձագանքմը ունէին. նույն միջոցին իսկ դուռը հնչեց եւ մէկ շունչով ինքզինքը գտաւ Տիկին Զանսքիի սալօնը. հիւրերը հաւաքուած էին արդէն ճաշասրահին մէջ եւ անդրադարձաւ որ զարմանալի լռութիւն մը կար որուն շնորհիւ որոշակի կը լսէր կնոջ մը ձայնը, կտրուկ եւ չոր շեշտերով։ Շուրջը ամենուրեք քրիզանթէմներ-Նատիաի նախընտրած ծաղիկները իրենց բարկ եւ թունաւոր բուրմունքը կ’արտաշնչէին մթնոլորտը ծանրացնելով եւ իրենց լուսաւոր երանգներով կը մրցէին լուսամփոփներու գոյնզգոյն ցոլքերուն հետ. ինչպէս միշտ՝ տեսակ մը շուարում եւ հաճոյք միանգամայն զգաց այս ճնշող սրահին մէջ եւ միւս կողմէ անհանգիստ՝ հոն մինակը ըլլալուն ստիպուեցաւ ճաշասրահը ներկայանալ. բայց այդ ձայնը՞... հետզհետէ բեկբեկուած միավանկները կը լսուէր միայն։

Երբ ծառան դուռը բացաւ ճաշասրահին մէջ ոչ ոք ուշադրութիւն ըրաւ իր մուտքին. գլուխնին հակած կիներ մինը կ’ընէին Սօնիա Մալիէնսքին. աննշմարելի սարսուռներ դէմքերու վրայէն կ’անցնէին եւ ճակատները խոնաւցածէին. այրերէն ոմանք ոտքի վրայ, շունջերնին բռնած Սօնիաի մէկ վանկը չէին կորսնցներ եւ ընդհանուր կերպով ամէնքն ալ այնպէս մը գրաւուած էին անոր ձայնէն որ երբեմն որոշակի կը տեսնուէր շարունակական ուշադրութեան, զարմացումի եւ սարսափի արտայայտութիւնը։ Սատարօֆ ինքը բան մը չհասկցաւ պատմուածքէն որ վերջանալու վրայ էր արդէն երբ աչքերը հանդիպեցան անոր յեղյեղուկ աչքերուն, անորոշ գոյնով եւ նայուածքով, տարտամօրէն տխուր, եւ որ այս վայրկեանիս փոխ առած էին իր սքանչելի մազերուն պղնձագոյն ցոլքերը. գլուխը թեթեւ մը հակած էր կարծես այդ հարուստ մազերուն բեռին տակ որուն ոսկեզօծ ոլորները գլխուն վրայ կը գմբէթանային, դէմքը ալ աւելի ճերմկցնելով։

Երբ պատմութիւնը վերջացաւ պահ մը ամէնքը իրարու նայեցան անհանգիստ եւ վրդովուած. քիչ մը ետքը սակայն ընդհանուր խանդավառութիւնը դէմքերը պայծառացուց եւ նոյն իսկ ինքն Սօնիա կը շաղակրատէր Բրացին հետ որ անշուշտ շահագրգռուած իրմով զինքը չէր ուզեր թողուլ. Սատարօֆ հազիւ թէ յաջողեցաւ Տիկին Զանսքիի մօտ երթալ եւ ձեռքը համբուրել. խօսակցութիւնը կը թափառէր մէկ նիւթէն միւսը. սամավարին շոգին ցից կը բարձրանար, յետոյ կը տարածուէր սեղանին վրայ թէյին բուրմունքը բաշխելով ամէնուն. ծաղիկներ ասդին անդին յամրաբար կը թոռմէին. Սատարօֆ կը լսէր քովէն սիրուն կին մը որ ահաբեկած ինքն իր վրայ ամփոփուելով կ’ըսէր։

Ա՜խ աս Սօնիաին պատմութիւնները. կարծես թէ մղձաւանջներ են։

Բոլոր օրական յոգնութիւնը, շուրջը մրմնջուած բառերը, թէյին բուրմունքը Սատարօֆին թեթեւ գլխու մը ցաւ պատճառեցին եւ սքօղուած մտքով սկսաւ շաղակրատել Նատիաին հետ անորոշ եւ ջնջին բաներու վրայ մինչեւ որ ցաւագին ճնշում մը զգաց ներսը. Տիկին Զանսքի իրեն կը հարցնէր.

Է՛, ձեր բարեկամները ինչպէ՞ս են։

Տիկի՛ն, ինծի տաժանելի բան մը կը յիշեցնէք. իմ բարեկամս, անտռէն ծանր հիւանդ է եւ ստիպուեցանք զինքը Բիթիէ հիւանդանոցը փոխադրել։

Ի՞նչ կ’ըսէք, կինը եւ պզտիկը ո՞ւր են։

Պզտիկը Մաթէրնիթէի մէջ պատսպարուած է առ այժմ Պարոն Բրացի շնորհիւ եւ մայրը, Տիկին, ամբողջ օրը կ’անցնէ մէկ հիւանդանոցէն միւսը, սրահներուն մէջ սպասելով։

Ա՜հ ճշդիւ, ընտանիքներ կան որ կարծես դժբաղդութեան դատապարտուած են։

Տիկին Նատնա կարեկցութեան այնպիսի սրտաճմլիկ արտայայտութիւն մը առաւ որ իր անմիջապէս քովը գտնուողները հարցուցին.

Դժբաղդ լո՞ւր մը, Տիկին, ի՞նչ ունիք։

Անձնական բան մը չէ թէեւ բայց այնպիսի եզական դժբաղդութիւն մըն է, ճակատագրական գրեթէ՝ որ կը ծանրանայ Պարոն Սատարօֆի բարկամ ընտանիքի մը վրայ։

Ամէնուն ուշադրութիւնը հոն դարձաւ. մինակ Սօնիա դեռ կը խօսէր Բրացի հետ այլեւս ցած ձայնով. մտերմօրէն, աչքերը անոր աչքերուն եւ երբեմն ձեռքը կը դնէր անոր ձեռքին կարծես ըսածը հաստատելու համար։ Ասդին խօսքը կեդրոնացաւ հիւանդանոցներու վրայ որուն հետեւանքով տարէց կին մը սկսաւ վիճաբանիլ բժշկութեան ուսանողի մը հետ աշխարհական հիւանդապահուհիներու եւ Գթութեան Քայրերու վրայ. տարէց կինը ջերմապէս կը պաշտպանէր Քոյրերը մինչ ուսանողը իր փորձառութեանը կռթնած վստահ եւ անփոյթ եղանակով մը հաւասարապէս կը պարսաւէր երկու դասակարգերը։

Սէն Լուի հիւանդանոցին մէջ էր որ ամէնէն հրեշային դէպքին հանդիպեցայ. բողոքական հիւանդ մըն էր չեմ գիտեր ինչ հիւանդութենէ վարակուած. գիտեմ թէ գիշեր ցորեկ կը տառապէր անընդհատ այնպէս որ իր հանգիստի կարճ միջոցներուն որ մորֆինի ներարկումով միայն ձեռք կը բերուէր՝ իր դէմքը կը պահէր դարձեալ արհաւիրքի, ցաւի եւ պոռացող մէկու մը ծամածռութիւնները, արդ այդ հիւանդը որ մէկը չունէր զինքը հարցնող բոլորովին մինակ ըլլալու էր Բարիզի մէջ նշաւակ դարձած էր Քոյրերու ծաղրանքին եւ կատակներուն. այդ կատակները շուտով անգթութեան փոխուեցան երբ բողոքական վերջնականապէս մերժեց խոստովանիլ եւ հաղորդունլ. միայն ուսանողները կրնային անդրադառնալ ասոր՝ որովհետեւ բժիշկներու ներկայութեան հիւանդապահ քոյրերը կը փոխէին իրենց վարմունքը, խոսքերը եւ նոյն իսկ ձայնին շեշտը։

Վերջապէ՞ս։

Վերջապէս մարդը օրին մէկը մեկնեցաւ Սէն Լուիէն ցաւերէն ոռնալով սանդուղներուն վրայ եւ իր ներսը եղած դառնութիւնը փսխելով բժշկապետին երեսին... զինքը անօթի եւ աղտոտ պահած էին. իմացանք որ դիտմամբ սառը որ կը դնէին ստամոքսին վրայ եւ որ պէտք էր տասը վայրկեանը մէյ մը փոխել՝ կը ձգէին ժամերով մինչեւ որ բոլոր անկողինը կը թրջուէր. եւ երբ ժամանակին գանգատած էր բժիշկներուն, ոչ միայն օգուտ մը չէր ունեցած այլ միւս կողմէ գրգռած էր Քոյրերուն թշնամութիւնը։

Վիճաբանող Տիկինը շուտով տեղի չտուաւ եւ իր կարգին թուեց կարգ մը զեղումներ որ աշխարհական հիւանդապահուհիներ կատարծ էին. ամենքը դեռ կը յիշէին որ Թ. . . ի cliniqueին մէջ ուր ծնող կիներ կը դարմանուէին ամբողջ սրահ մը վարակուած էր fièvre puerpérale է որովհետեւ հիւանդապահուհի մը այդ տենդէն բռնուած կնոջ մը գործածուած գործիքով խնամած էր ամբողջ սրահին կիները։

Բրաց եւ Սօնիա մօտիկցած էին վիճաբանողներուն. Տիկին Զանսքի երբ ինքզինքը գտաւ որ սարսափելի արկածին վերյուշումին առթած վրդովմունքէն հարցուց Բրացին.

Դուք, Պարոն Բրաց, ամենէն աւելի ձեռնհասութիւն ունիք այս նիւթին մէջ ձեր կարծիքը ի՞նչ է։

Իմ կարծիքս Տիկին... ամենքն ալ մէկ պարկի մէջ կը դնեմ։

Նորէն խօսեցան հիւանդներու, հիւանդանոցներու վրայ. Սօնիա ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր, թուշը կռթնցուցած ափին. Բրաց կը բացատրէր թէ ինչպէս բժշկապետին եւ բժիշկներուն բոլոր ջանքերը, անձնուիրութիւնները կը վիժին հիւանդապահներու անսրտութեան եւ անգիտակից չարութեան պատճառաւ։

Կը հասկնա՞ք, այդ կիները որ ամենէն ստորին խաւերէն կուգան անհաւատալի է թէ ինչպէս անողոք են իրենց դասակարգին վերաբերող կիներուն. բարոյական եւ ֆիզիքական ոչ մէկ ցաւի զիրենք չի կակուղցներ եւ Մաթէրնիթէի մէջ մասնաւորապէս կրնամ ըսել թէ հիւանդները աւելի բարոյական ցաւերով կը տառապին, յաճախ լքուած կիներ են որ տաժանելիօրէն հասած են իրենց յղութեան վերջին. անբաւական սնունդով, չարաչար աշխատանքով արդէն խեղանդամած են իրենց մանկիկը։ Երիտասարդ կիներ կան որ պառաւ կը մեկնին այնքան տղայ մը մեծցնելու, մինակը մեծցնելու հոգը ծանր կուգայ իրենց ճղճիմ բազուկներուն։

Բայց վերջապէս հիւանդապահուհիները ի՞նչ կրնան ընել քանի որ միշտ բժիշկներուն հսկողութիւնը կայ։

Հազար ու մէկ բաներ, ի՞նչ գիտնամ. ա՛յնքան դիւրին է արդէն հիւանդ մը չարչարել. դիտած եմ նաեւ որ ամէնէն կորովիներն ալ երկչոտ կը դառնան երբ կը տեսնեն թէ ամէն գանգատ անօգուտէ։

Սօնիա մէկէն պատասխանեց.

Ես չեմ հասկնար ատիկա իրաւ որ, վերջապէս յանցանքը հիւանդինն է եթէ քաջութիւնը չունի ինքզինքը պաշտպանելու։

Բրաց Սօնիաին դարձաւ։

Տիկին, երբ դուք ալ երթաք Բէնեանի հիւանդանոցը ուր ամէն ժամը ոսկիով պիտի վճարէք, պիտի տեսնէք դարձեալ թէ հակառակ ամէն բանի պիտի տառապիք։

Այո՛, առանձնութենէն՝ բայց ոչ ապահովաբար հիւանդապահուհիներէն։

Շատերը զարմացան եւ Սատարօֆ հարցուց Նատիաին։

Հիւա՞նդ է Տիկին Մալիէնսքին։

Ա՛հ, այո՛, բարեկամս, ահռելի հիւանդութիւն մը, կարծեմ վերաբուժական գործողութիւն մը անհրաժեշտ է։

Ի՞նչ ըսէք, երբէք միտքէս չպիտի անցնէր ատիկա։

Բայց կը բաւէ իրեն նայիլ, այդ տժգունութիւնը, այդ տենդոտ աչքերը...

Նոյն միջոցին ուշադրութիւննին գրաւուեցաւ անդին. Սօնիա հաստատ եւ ջղուտ ձայն մը կըսէր.

Գաղափար մը, Պարոն Բրաց, ինչպէ՞ս մինչեւ հիմա չխորհեցայ, չէ՛, չպիտի երթամ Բէնեանի հիւանդանոցը առանձին սրահի մը մէջ ձանձրոյթէ մեռնելու։ Ես Մաթէրնիթէ պիտի գամ, քանի որ կ’ըսէքթէ կանանց հիւանդութիւններ ալ կը խնամեն հոն։

Եւ առանց սպասելու Բրացի պատասխանին Տիկին Նատիան դարձաւ.

Այնպէս չէ՞, սիրելի Տիկին, շատ շահեկան եւ տարօրինակ բան մը ըլլալու է. երթալ հոն աղքատ կիներու քովը պառկիլ միեւնոյն սրահին մէջ, ա... ասիսթանս բիւպլիւք ի սաւաններու մէջ... չըլլա՞ր Պարոն Բրաց։

Անշուշտ Տիկին, բայց ձեզի նախապէս կ’ըսեմ թէ կը զղջաք։

Ինչո՞ւ համար. այնքան հազուագիւտ բան մըն է մեզի պէս կանանց համար գոնէ անգամ մը ճշմարիտ ժողովուրդին մէջ մտնել, անոնց ցաւերը լսել, անոնց հետ մէկտեղ տառապիլ։

Տղայական զուարթութիւն մը աչքերը կը փայլեցնէր եւ ձեռքերը կը շփէր արագ շարժումներով։

Ըսէք Պարոն Բրաց, քլօրօֆօրմ ի հոտ կայ սրահին մէջ, ըսէ՛ք ինծի, ո՞ր սրահը պիտի ընդունիք։

Հաւանականաբար Լէվրէ սրահը։

Եւ գիտէ՞ք ես հոն պիտի ներկայանամ ո եւ է կնոջ մը պէս. ո եւ է անտէր եւ աղքատ կնոջ մը պէս...

Սատարօֆ զարմացմամբ իրեն կը նայէր։

Ո՞ւր պէտք է դիմեմ առաջին անգամ։

Ուր որ կ’երթան ամէնքը, Տիկին, սպասման սրահը։

Ուրեմն որոշուած բան մըն է այլ եւս Մաթէրնիթէ պիտի երթամ։

Տիկին Նատիա յուսահատական հառաչ մը արձակեց եւ դէպ ի Սատարօֆը դարձաւ գանգատելով։

Ինչ տարօրինակ եւ անուղղայ կին մը, չէք կրնար երեւակայել, կարելի՞ է այսքան վատառողջ ճաշաւներ ունենալ. ապահով եմ որ Մաթէրնիթէ երթալ կուզէ. աւելի մօտէն աչքովը տեսնելու համար վէրքերը, ցաւերը եւ գիշերը օրօրուելու համար տքալու եւ հեծմունքի ձայներէն. ապահովաբար հրէշ մըն է, կը բաւէ իրեն պատմութիւնները լսել, Էտկար Բօի պատմութիւններ որոնք սարսափէն շունչդ կտրել կուտան։

Սատարօֆ զարմացմամբ մտիկ կ’ընէր մինչ Նատիա գոհ՝ իր գտած բացատրութիւններէն՝ կը կրկնէր.

Կատարելապէս, բարեկամս, Էտկար Բօի պատմութիւններ. եւ իրաւ որ տարբեր կերպով չէր կրնար ըլլալ, քանի որ իր գլխաւոր հաճոյքն է հիւանդանոցները այցելել եւ իր մատը դնել ամէնէն գարշելի վէրքերուն վրայ։