Դ.
Արդէն
շատոնց
ի
վեր
Էվա
կը
սպասէր
հոն
տղեկը
ծունկերուն
վրայ.
անհամբերութենէն
եւ
սրտին
նեղութենէն
լալու
անդիմադրելի
փափաք
մը
կը
զգար.
բոլոր
կաթ
առնող
կիները
մէկիկ
մէկիկ
եկած
եւ
մեկնած
էին
արդէն.
ամենքը
հետաքրքիր՝
հարցուցած
էին
թէ
ի՞նչպէս
կ’ըլլայ
որ
հոն
կը
գտնուէր
ու
գոց
ըրածի
պէս
ամէնուն
պատմած
էր
անփոփոխելի
կերպով
նոյն
բանը,
այնպէս
որ
ալ
հիմա
գլուխը
լեցուած
էր
իր
արտասանած
բառերով
եւ
տեսակ
մը
անհանգստութիւն
կը
զգար
ներսը։
Այդ
օրը
անձրեւը
դադրած
էր
վերջապէս,
բայց
թեթեւ
մառախուղը
դեռ
կը
մնար
շարունականան
խոնաւութիւն
մը
տալով
օդին
այնպէս
որ
դժուարաւ
կը
շնչուէր.
աշնան
կարմիր
արեւը
անճառագայթ
եւ
ցուրտ՝ուժգնօրէն
գորշ
երկնքին
վրայ
հազիւ
թէ
տանիքները
գունաւորելով
տժգոյն
վարդագոյն
ցոլքով
մը,
այնքան
փափուկ
որ
փոխանակ
տաքութեան
զգայնութիւնը
տալու
ընդհակառակը
դիւրաբեկ
եւ
վաղանցուկ
բանիմը
տպաւորութիւնը
կ’ընէր,
ու
այդարիւնագոյն
արեւկ
տխուր
էր,
անհունապէս
տխուր
ընդարձակ
քաղաքին
վրայ,
գրեթէ
չարագուշակ։
Էվա
երկայն
սպասումէն
յոգնած
իր
վրայ
կը
կքէր
հետզհետէ.
կէս
օրուան
մօտ
ըլլալու
էր
արդէն.
դայեակներ
կիրակնօրեայ
հագուստներուն
մէջ
անճանաչելի՝
զուարթօրէն
կ’անցնէին
պարտէզէն
եւ
կ’երթային
եւ
ամէն
անգամ
որ
աւազը
կը
խշրտար
հոն,
Էվա
գլուխը
կ’երկնցնէր
նայելու
համար
բայց
միշտ
յուսախաբ,
սիրտըտրոփուն
աչքերը
կըփակէր
թոյլ
չտալու
համար
որ
անոնք
արցունքոտին.
ա՜խ
ինչո՞ւ
եկած
էր
ներօն
սպասման
սրահին
մէջ
իբր
թէ
բաւական
չըլլար
եօթը
ամսուան
երկայն
մարտիրոսութիւնը
հոդնոյն
սրահին
մէջ
չոր
նստարաններուն
վրայ,
րոպէ
մը
ինքզինքը
բոլորովին
կորսուաթ
զգաց
սրտին
անպատում
ցաւին
մէջ
բայց
նորէնոտքի
ձայներ
պարտէզին
մէջ
զինքը
ցնցեցին.
ալ
այս
անգամ
ոտքի
ելաւ
եւ
աչքովը
սկսաւ
փնտռել
Լէոնդինն
էր.
քանի
անգամներ
արդէն
եկած
էր
անիկա
սպասման
սրահը
կաթ
բերելու,
բայց
որովհետեւ
ուրիշ
կիներ
կային
գոհացած
էր
միայն
իրեն
surnois
եւ
թունաւոր
նայուածքներ
ուղղել.
հիմայ
որ
մինակ
էր
կրնար
անիկա
խօսք
մը
ուղղելու
յանդգնիլ,
ի՞նչպէս
պիտի
հանդուրժէր
հարցումի
մը...
Մէկէն
փափաքը
ունեցաւ
մեկնելու
առանց
այլ
եւս
սպասելու
հոն,
միանգամ
ընդ
միշտ
մեկնելու.
անկապ
մտածումներ
արագօրէն
անցան
գլխէն.
ինքն
ալ
պիտի
աշխատէր
եւ
տղուն
կաթը
պիտի
գնէր.
պիտի
ջանար
պատրաստել
ճիշտ
հիւանդանոցի
կաթին
պէս,
տղան
առողջ
էր,
յետոյ
Սատարօֆ
խորհուրդներ
կուտար
իրեն
եթէ
պէտք
ըլլար,
բայց
ո՞ւրկէ
գոր
պիտի
գտնէր.
աշխատելու
տրամադրութիւնը
բաւական
չէ
միշտ
ու
յետոյ
Անտռէն,
ա՜խ,
չէ՞
մի
որ
ի
զուր
կը
սպասէր
աշխատելու։
Էվա
ինքզինքը
զգաց
պզտիկ,
անկարող,
դժբաղդ,
հալածուած
անասունի
մը
պէս.
խոնաւ
քղանցքը
սրունքներկ
կը
պաղեցնէր
ու
յանկարծակի
ցնցումներ
կը
զգար
ցուրտէն
ու
յուզմունքէն.
–
Պարոն
Բրացը
ինչո՞ւ
ուշացաւ
արդեօք...
մէկէն
իր
մսկոտ
հոգիին
մէջ
շողիւն
մը
զգաց,
արեւի
ճառագայթի
մը
պէս
տաք
եւ
կենարար,
զգաց
որ
արիւնը
աւելի
արագ
կ’անցնէր
երակներէն
ու
արտեւանունքը
փակեց
աւելի
աղէկ
յիշողութեանը
մէջ
տեսնելու
համար
անոր
աչքերը,
անոր
ոսկի
նայուածքը։
–
Անտարակոյս
չեմ
մեկնիր,
անոր
պիտի
սպասեմ,
պիտի
սպասեմ։
Առանց
մտածումի,
առանց
պայքարելու
ատեն
մը
մնաց
բնազդային
հաճոյքով
մը
այդ
աչքերուն
հրապոյրին
ներքեւ
եւ
իրեն
թուեցաւ
որ
–
այնքան
յուզմունքը
բուռն
էր
–
Մաթէրնիթէի
հին
եւ
սեւցած
պատերը,
պարտէզին
վտիտ
թուփերը
ու
տժգոյն
կանանչները,
գորշ
մթնոլորտը
նոյն
իսկ
սպասման
սրահը
կը
գեղեցկանային
կ’այլափոխուէին
անոր
սիրելի
ներկայութենէն։
–
Աստուած,
հիմակ
պիտի
գա՞յ։
Խանդաղատանքով
քառդին
նայեցաւ.
գլխագիր
Բ.
մը
եւ
Բրաց
կարդաց,
արդեօք
ի՞նչ
էր
պզտիկ
անունը.
քիչ
մըն
ալ
զբաղեցաւ
փնտռելու
հաւանական
անունը,
տարտամ,
խուսափուկ
մտածումներով.
յետոյ
մէկէն
Սատարօֆին
կը
հարցնեմ,
խորհեցաւ։
Այլ
սական
անմիջապէս
Սատարօֆին
անունը
հմայաթափ
ըրաւ
զինքը.
քիչ
մնաց
ցաւի
քիչ
մը
պիտի
արձակէր.
այնքան
սիրտը
սեղմուեցաւ
ու
աչքին
ներկայացաւ
իրենց
սենեակը,
Անտռէն
յուսահատ
եւ
քիչ
մըն
ալ
հիւանդ
տժգոյն
եւ
նիհար
դէմքովը,
տեսաւ
պզտիկ
օրօրոցը
ու
մանկիկը,
իր
սիրելի
մանկիկը
որուն
չէր
մտածեր
անգամ
քիչ
մը
առաջ.
սարսափած
իր
հոգեկան
վիճակէն
ուզեց
նորէն
փախչիլ
ու
նորօն
զգայնութիւնը
ունեցաւ
պզտիկ
ողորմելի
անասուն
մը
ըլլալու
զոր
ամէն
կողմէ
կը
հալածէին
անխնայ։
–
Ա՜խ
ի՜նչ
ընեմ,
ի՜նչ
ընեմ։
Ծունկերը
կը
դողդղային
ու
պզտիկը
կ’օրօրուէր
մեղմօրէն.
Էվա
գլուխը
պատին
կռթնցուց
եւ
հանգչեցաւ
քիչ
մը։
Իր
սահմանափակ
եւ
նախապաշարեալ
միտքը
աններելի
յանցանք
մը
կը
նկատէր
հոգւոյն
վրդովմունը
ի՞նչպէս
կ’ըլլար
որ
ինքը
հաւատարիմ
եւ
պարկեշտ
կին
մը
կը
մտածէր
միւսին,
անոր
կախարդող
աչքերուն,
անտարակոյս
այդ
բանը
կ’ըլլար
հակառակ
իրեն,
ատիկա
անդիմադրելի,
անյաղթելի
էր
գրեթէ
ֆիզիքական
հպատակութիւն
մը,
hypnotiséeի
մը
բացարձակ
ենթակայութիւնը,
տագնապի
մը
պէս
էր
որ
այդ
աչքերուն
յիշատակը
զինքը
կը
գրաւէր
երբեմն
այդ
դեղին
աչքերուն
որոնց
նայուածքը
լուսաւոր
շողիւն
մըն
էր
գրեթէ.
առաջին
անգամ
անոնց
հմայքը
զգացած
էր
աշխատութեան
սրահին
մէջ
(salle
de
travail
[1]
)
իր
տաժանելի
երկունքին
մէջ.
այդ
աչքերուն
անօրինակ
ազդեցութիւնը
այնքան
ուժով
եղած
էր
իր
վրայ
որ
երկար
ատեն
զանոնք
տեսնելու
տենջանքովկ
տանջուած
էր
եւ
շատ
աղէկ
կը
յիշէր
որ
երբ
անիկա
իրեն
կը
մօտենար
ցաւերը
կ’ամոքէին
եւ
գրեթէ
թմրութիւն
մը
կը
զգար
անոր
ներկայութեան
ապահովութեանը
մէջ։
Ա՛հ
սակայն
այդ
դժուար
օրը
երբ
միեւնոյն
սրահին
մէջ
բազմաթիւ
կիներ
կը
տանջուէին
–
փոթորկոտ
օդին
պատճառաւ
շատերը
ժամանակէն
առաջ
ծննդաբերութեան
ցաւէ
բռնուած
էին
–
ինքը,
խեղճ,
օտար
կին
մը,
հեռու
էր
յանցաւոր
մտածումներ
ունենալէ
այդ
հասարակաց
սրահին
մէջ՝
ուր
ցաւը
միայն
ֆիզիքական
չէր
իրեն
համար։
Վայրկեան
մը
նորէն
ապրեցաւ
այդ
օրը.
կայծակները
այնքան
յաճախ
եւ
ուժգին
էին
որ
կարծես
կը
բզկտէին
երկինքը,
գրեթէ
միշտ
կ’որոտար,
հետզհետէ
աւելի
աղմկալի
այնպես
որ
հեղեղի
պես
անձրեւին
շառաչիւնը
չէր
լսուեր
եւ
միայն
պատուհանները
կը
տեսնուէին
ողողուած.
դուռը
ամէն
բացուելուն
նոր
հիւանդ
մը
կը
բերէին.
անժամանակ
երկունքներու
պատճառաւ
պատճառաւ
կիները
չափազանց
կը
տանջուէին
եւ
այնպիսի
ցաւի
աղաղակներ
ունէին
–
մորթուող
անասունի
գոռումներ
որ
դայեակները
ամէն
վայրկեան
կուգային
յանդիմանել
կամ
պաղատիլ
հիւանդներուն
որպէս
զի
այնքա՛ն
չի
պօռան
չի
սարսափեցնելու
համար
ապաքինութեան
մէջ
եղող
կիները։
Հիւանդապահուհիները
անփութօրէն
կը
կատակէին
ծնող
կիներուն
հետ,
անախորժ
եւ
լկտի
խօսքերով.
նորածիններ
շտապով
կը
տեղաւորցնէին
couveuseներու
մէջ,
անդին
գրեթէ
վիժած
մը
կը
մեռնէր
մօրը
աչքին
առջեւ
եւ
իր
ճիշդ
քովը
կին
մը
քլօրոֆօռմի
ազդեցութեան
ներքեւ
մեռելի
պէս
տժգոյն
երկնցած
էր
անկողնին
վրայ,
բժիշկները
ստիպուած
էին
տղան
յոշոտել
որպէս
զի
մայրը
ազատի,
կը
յիշէր
դեռ
արիւնոտ
եւ
անձեւ
անդամները
որ
մէկիկ
մէկիկ
իրարու
վրայ
կը
դնէին
ու
այնքան
եղերական
էին
այդ
պզտիկ
էակին
ջարդուած
կտորները
որ
գարշելի
ու
immonde
դեզ
մը
կը
կազմէին
մայրիկին
անկողնին
քովը.
ու
կը
յիշէր
նաեւ
ամպերուն
որոտումը,
հիւանդներուն
գոչիւնը,
քլօրօֆօրմին
հոտը
որ
մինչեւ
իրեն
կուգար
բայց
մանաւանդ
կտրտուած
նորածինին
գլուխին
տեսքը
–
կակուղ
գրեթէ
լպրծուն
գլուխ
մը
թուշին
վրայէն
կիսովին
կտրուած
–
զոր
աւելցուցեր
էին
անոր
մարմնոյն
միւս
կտորներուն
վրայ,
նուաղում
պատճառած
էր
իրեն
վերջապէս
ու
հազիւ
ինքզինքին
եկած
առաջին
անգամ
ըլլալով
տեսած
էր
Բրացը
որ
զինքը
կը
խնամէր
եւ
ալ
չէր
հեռացած
քովէն
մինչեւ
վերջը։
Արդեօ՞ք
ապականուած
(pervertie)
երախտապարտութեան
մը
զգացումն
էր,
թէ
պարզապէս
աւելի
ուժովին
հպատակութեան
բնազդը
կնոջ
մէջ
որ
զինքը
ենթակայած
էր
Բրացին.
Էվա
մտքէն
անգամ
չէր
կրնար
անցունել
վերլուծել
իր
զգացումը
միայն
անդիմադրելիօրէն
ինքզինքը
զգացած
էր
անոր
հրապոյրին
ներքեւ,
այնպէս
որ
իր
երկայն
ապաքինումին
մէջ
միայն
զայն
տեսնելու
յոյսը
կ’ոսկեզօծէր
հիւանդանոցի
մռայլ
կեանքը
եւ
համբերութեամբ
կը
տանէր
դժուար
ծննդաբերութեան
մը
ցաւօտ
հետեւանքները,
ասիկա
գրեթէ
գրաւում
մըն
էր
եւ
Էվա
այնքան
կզգար
թէ
ինքն
անորն
է
որ
կուլար
երկարօրէն
կատաղութենէն
եւ
հաճոյքէն։
–
Օ՜հ
ինչպէս
ջղոտ
է
սա
պզտիկ
կինը
կ’ըսէին
հիւանդապահուհիները
որ
մտքերնուն
անգամ
չէր
անցներ
եղածը։
Օրեր
եղած
էին
որ
մոլեգնօրէն
նախանձած
էր
որովհետեւ
անիկա
ուրիշ
հիւանդով
մը
աւելի
զբաղած
էր
եւ
նոյն
իսկ
փափաքած
էր
աւելի
հիւանդանալ
եւ
ցաւիլ,
ցաւիլ
գիշեր
ցորեկ
որպէս
զի
անիկա
յաճախ
քովը
գար։
–
Խենդ
չէ՞ր
արդեօք...
Յետոյ
եկած
էին
տենդագին
օրերը,
շնչերակին
զարկերը
արագացած՝
եւ
յանկարծ
fièvre
puèrperaleը
որ
զինքը
զրկած
էր
կաթէն,
հրաշքով
մը
ազատած
էր
մահուընէ
ու
աղէկնալէն
ետքը
մէկէն
ի
մէկ
անդրադարձած
էր
որ
ապրելու
ուրախութիւնը
գրաւած
էր
բոլոր
էութիւնը
եւ
կարծած
էր
որ
խենդ
մտածումները
բոլորովին
մեկնած
էին
այլեւս
տենդին
հետ.
ալ
վերստին
եղած
էր
հաւասարակշիռ
կինը,
ընտանիքի
բարի
մայրը
եւ
մայրական
զգացումը
այնքան
բացարձակ
էր
իր
մէջ
որ
բոլորովին
ազատուած
կարծած
էր։
Աւելի
ուշ՝
շաբաթ
օրերու
consultationի
միջոցին
տեսած
էր
նորէն
Բրացը
հանդարտութեամբ.
միայն
միշտ
պահած
էր
անոր
համար
ուժով
համակրանք
մը,
այնքան
ազնիւ
եւ
բարեացակամ
էր
ան
բոլոր
հիւանդներուն
հետ։
Ու
ահաւասիկ
որ
հիմա
իր
տագնապին
մէջ
նորէն
կը
զգար
այն
յիմարական
ձգտումը
դէպ
նաոր,
անսահման
տենջանքը
անոր
նայուածքին
ներքեւ
ըլլալու
իբրե
թէ
այդպէսով
par
enchantement
պիտի
մոռնար
իր
բարոյական
ֆիզիքական
ցաւերը
ինչպէս
այն
ատեն,
երկայն
սրահին
մէջ,
որոտագին
եւ
փոթորկոտ
օրով։
Մեքենաբար
գրկեց
պզտիկը
եւ
ոտքի
ելնելով
նայեցաւ
պարտէզին
մէջ
ու
հազիւ
ցաւը
կրցաւ
զսպել.
հոն
ածուի
մը
քով
ներքին
բժիշկ
մը՝
Պարոն
Վալօն
կը
կատակէր
Լէօնդինի
հետ
եւ
Բրաց
ալ
անոնց
քով
կը
խնդար։
Այս
անհոգութիւնը
այնպէս
մը
վիրաւորեց
զինքկ
որ
բոլորովին
կարմրեցաւ
եւ
մինչեւ
քունքերուն
մէջ
արագ
տրոփումներ
զգաց.
նոյն
միջոցին
ետեւէն
դուռը
բացուեցաւ
եւ
կին
մը
ներս
մտաւ
դանդաղօրէն,
շուարած.
–
Ա՜հ
անսիրտը,
մրմնջեց
Էվա
ինքզինքէն
ելած։
–
Ի՞նչ
ըսիք
հարցուց
կինը
վախկոտ
ծայնով
մը։
Եւ
որովհետեւ
Էվա
չէր
պատասխանէր՝
բոլորովին
գրաւուած
միւսէն
այս
անակնկալ
պարագային
պատճառաւ՝
կինը
ոտքի
ելաւ
եւ
տխրութեամբ
հարցուց.
–
Հո՞ս
պէտք
է
գալ։
–
Ի՞նչ
բանի
համար...
–
Երբ
մէկը
ցաւէ
բռնուած
է։
Չկրցաւ
վերջացնել
խօսքը.
կողերուն
վրայ
ծռեցաւ
եւ
կը
հեծեծէր
սեղմուած
եւ
շարունակական
ձայնով
մը։
Էվա
մեղքցաւ
զայն
եւ
արդէն
մոռացած
Բրացը
եւ
Լէօնդինը
ու
միւս
բժիշկը
աենոր
հարցուց
բարութեամբ.
–
Շատո՞նց
է
որ
ցաւերնիդ
բռնած
է։
–
Երէկ
գիշերուընէ
ի
վեր.
քառորդը
մէյ
մթ
կը
սկսի
կոր...
Ասիկա
տարիքոտ
կին
մըն
էր
թառամած
դէմքով
եւ
շատ
խեղճ
երեւոյթով.
լքուած
մը
անտարակոյս,
ատիկա
կ’երեւէր
իր
դառն
բերանէն
եւ
համակերպած
աչքերէն,
որ
ծեծ
կերած
շունի
մը
աչքերուն
տխուր
չեզոքութիւնը
ունէին.
ի՞նչ
անծանօթ
հրայրք
մը
բեղմնաւորած
էր
այս
գրեթէ
պառաւ
եւ
անհրապոյր
կինը
որ
մարդ
կը
զարմանար
յղի
տեսնելով...
իր
սեւ
շրջազգեստին
տակէն
որ
չափազանց
գործածուելէն
կանանչի
կը
զարնէր
փորը
կ’ուռէր,
ահագին
ու
այս
սգաւոր
մայրութիւնը
հոգեւարքի
մը
պէս
տխուր
էր։
Անիկա
միշտ
կը
հեծեծէր
եւ
գրեթէ
կ’ամչնար
երկունքէն.
–
Բայց
Տիկին,
հոս
մնալը
բանի
մը
չի
ծառայեր,
պէտք
է
consultationի
սրահը
մտնել։
Կասկածոտ
նայուածք
մը
ուղղեց
դրանը
եւ
մրմնջեց։
–
Չեմ
համարձակիր։
Էվա
վեհանձնօրէն
յառաջացաւ.
դուռը
հրեց
եւ
ըսաւ
դայեակին.
–
Օրիորդ,
կին
մը
կայ
որուն
ցաւը
բռներ
է։
–
Թող
գայ։
–
Չի
համարձակիր
կոր։
–
Ահաւասիկ
մէկը
որ
դժուարահաճ
է։
Նիշիւրհք
ձեւով
մը
մինչեւ
դուռը
եկաւ.
–
Դո՞ւք
էք
տանջուողը։
–
Այո՛
օրիորդ։
–
Երբէ՞ն
ի
վեր։
–
Երէկ
իրիկուընէ
սկսաւ։
–
Ինչո՞ւաւելի
կանուխ
չեկաք.
հոս
եկէք։
Յետոյ
դառնալով
Էվաին
հարցուց.
–
Է
դուք
ի՞նչ
ընելու
եկեր
էք.
առտուընէ
ի
վեր
հոս
կը
տեսնեմ
կոր
ձեզի։
–
Պարոն
Բրացին
կը
սպասեմ։
Դայեակը
ծաղրական
ձեւով
մը
աչքերը
կէս
գոցելով
պատասխանեց.
–
Ա՛հ,
աղջիկս
երկար
ատեն
պիտի
սպասէք,
ձեզի
մտածելու
երեւոյթ
չունի։
Հաւանականաբար
չէր
գիտեր
թէ
ինչ
ցաւ
պիտի
պատճառէր,
երբ
տեսաւ
Էվան
լեցուն
աչքերով
եւ
դողդոջուն
շրթունքներով,
անմիջապէս
սիրտը
շարժած
աւելցուց։
–
Ինծի
նայէ
անգամ
մը,
պզտիկ,
այսչափ
քիչ
բանի
համար
մարդ
կուլա՞յ.
հիմակ
մէկը
կը
ղրկեմ
զայն
կանչելու.
դուն
ալ
հոս
եկուր։
Մեքենաբար
Էվա
մտաւ
սրահը.
երկայն
սպասումի
մը
պատճառած
ջղոտութիւնը
զայն
կը
ցնցէր
հեծկլտանքներէն
ու
յիմարաբար
կուլար
անիկա
չկրնալով
բռնել
արցունքները
որ
երեսն
ի
վար
կը
վազէին
արագ
եւ
դիւրին։
Ի
զուր
մտքէն
կը
կրկնէր։
–
Ի՞նչ
խենդութիւն
այսպէս
լալը,
ի՞նչ
խենդութիւն։
Նոյն
միջոցին
իր
արցունքներուն
մէջէն
կը
լսէր
միւս
կինը
որ
կը
հարցաքննուէր։
–
Քանի
տարեկան
է՞ք.
ո՞ւր
ծնած
էք.
ինչ
գործ
կ’ընէք.
ձեր
մօրը
անունը,
ինչէ՞ն
մեռած
է
մայրերնիդ.
ո՞ր
թուականին,
հայրերնի՞դ…
Երբեմն
կինը
ցաւէն
կը
բռնուէր
եւ
պատասխանը
բերանը
կը
մնար։
–
Օրիորդ
կը
պաղատիմ,
պիտի
ըլլայ,
թրջուիլ
կը
զգամ
կոր։
Անտարբեր
դայեակը
կը
սպասէր
որ
ցաւը
անցնի.
խեղճ
կինը
կը
գալարուէր
աթոռին
վրայ,
անհանգիստ
դիրքի
մէջ.
եւ
երբ
քիչ
մը
կ’ամոքուէր
դայեակը
կը
սկսէր.
–
Ամուսնութեան
վկայական
ունի՞ք։
–
Ոչ
օրիորդ։
–
Ըսել
է
չէք
ամուսնացած։
–
Ոչ…
այո՛.
հիմակ
ձեզի
կը
բացատրեմ
օրիորդ,
պիտի
տեսնէք
օրիորդ…
–
Բայց
այդ
բաները
ինծի
պատմելու
պէտք
չկայ.
ամուսնացա՞ծ
էք
այո՛,
կամ
ո՛չ։
–
Ներեցէք
օրիո՛րդ
պէտք
է
ըսեմ…
Ոտքի
ելաւ
եւ
դիմացը
կը
նայէր
դող
ելած
կամ
աւելի
ճիշդը
ապուշցած,
աչքերը
վարագուրուած,
մէկէն
ճիչ
մը
արձակեց
սուր,
յիմարական,
վայրենի
ճիչ
մը
եւ
երեսին
վրայ
գլտորեցաւ
գետին,
անտանելի
գարարումներու
մէջ։
Դայեակը
այս
անգամ
փութկոտութիւնով
մօտեցաւ
երբ
արդէն
դուռը
աղմուկով
մօտեցաւ
երբ
արդէն
դուռը
աղմուկով
կը
բացուէր
եւ
պարոն
Բրաց
ներս
կը
մտնէր։
[1]
Այն
սրահը
ուր
տղաքը
կը
ծնին։