Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.

Անմիջապէս՝ Սատարօֆ consultationի սրահին մէջ տկարութիւն մը զգաց եւ ծունկերը կթոտեցան. հականեխականներու ուժգին եւ թափանցող հոտը աչքերը մթնցուց եւ միեւնոյն ատեն յուզմունքով մտիկ ըրաւ թեթեւ, հազիւ լսելի հեծմունք մը։ Ասիկա երկվայրկեան մը տեւեց եւ Բրաց ժամանակ իսկ չունեցաւ նշմարելու Սատարօֆի գունաթափ դէմքը եւ սեւ ծիրով մը շրջանակուած աչքերը եւ արագ արագ սկսաւ զայն տեղեկացնել իրողութեան։

Այս պզտիկ կինը մեր դայեակներէն մէկուն, Տիկին Մոնթենեիի տունը ղրկուած էր. օտարական է եւ յայտնի է թէ հոն դժուարութիւններու հանդիպած է բայց խնդիր է գիտնալ թէ ի՛նչ կարգէ էին այդ դժուարութիւնները։

Ու եթէ գիտնաք ալ, Պարոն Բրաց, ինչ օգուտ այլ եւս, քանի որ արդէն այդ կինը հիւանդ է։

Ձեռքերը տափատի գրպանին մէջ Բրաց պահ մը անշարժ մնաց եւ յետոյ աւելցուց.

Վերջապէս իրաւունք ունիք, բայց կուզէի գիտնալ թէ այդ դայեակին տունը նմանօրինակ դէպքեր յաճախ կը պատահի՞ն… եւ յետոյ հիւանդները առ հասարակ այնքան տգէտ են որ կարելի չէ որոշ եւ ճշդիւ բան մը իմանալ։

Սատարօֆ չպատասխանեց եւ Բրաց կարծես մտովի եղած հարցումի մը պատասխանելով շարունակեց.

Իրաւ է որ ցաւը այնքա՛ն երկչոտ եւ վատ կը դարձնէ հիւանդները։

Հծծիւններ եւ օտար լեզուով արտասանուած բառեր զիրենք իրականութեան դարձուցին եւ երկուքը մէկանց հիւանդին քով եկան։ Ասիկա երիտասարդ կին մըն էր երկայն սեւ աչքերով եւ տափակ քունքերով. չափազանց սեւ մազեր՝ ողորկ եւ խիտ՝ ճակատին վրայէն կը բաժնուէին երկուքի, առանձին զայն դիտողի մը համար գեղեցիկ չէր եւ վայրենի բան մը ունէր գրեթէ. մանաւանդ երկայն եւ դէպի քունքերը ճեղքուած աչքերը կ’աւելցնէին ատիկա որոնք կարծես բնաւ չէին բացուեր բոլորովին եւ սեւ բիբերուն խիստ շողիւնը հազիւ թէ կը մեղմանար իրարու մօտիկցած թարթիչներու մէջէն անցնելով։ Բայց այդ միջոցին՝ յուսահատութիւնը եւ ցաւը անանկ արտայայտութիւն մը կուտային իր դէմքին որ անօրինակ եւ դառն գեղեցկութիւն մը կը ստանար։ Իր շատ տժգոյն դէմքին վրայ շրթունքները միայն տենդագին կարմրութիւն մը ունէին երբեմն այն աստիճան ուժգին որ արիւնոտ վէրքի մը տպաւորութիւնը կ’ընէին։

Շատ կը տանջուիս կոր այնպէս չէ՞ Տիկին։

Օ՜հ այո՛։

Բառերը սեղմուած ակռաներուն մէջէն կը սուլէին եւ երկու ձեռքերը կուրծքերուն կը տանէր. bandageներով սեղմուած կուրծքեր, որոնք կը ցցուէին հագուստին տակէն, ուռած՝ մինչեւ բազուկներուն տակը։

Սարսուռներ, սարսուռնե՜ր։

Բրաց դէպ ի անոր հակեցաւ։

Հիմակ, Տիկին, ձեզի պիտի խնամենք, շատ ցաւ պատճառող բան մըն է ձեր ունեցածը բայց վտանգաւոր չէ, ապահով եղէք։

Կինը օդին մէջ տարտամ շարժում մը ըրաւ։

Ինչ փո՞յթ Պարոն. շուտով ըռէք որ պիտի ընէք. ամէն բանի պատրաստ եմ եթէ ապահով ըլլամ որ կաթս չպիտի կորսնցնեմ։

Չոր եւ կտրուկ բան մը ունէր ձայնին մէջ եւ Բրաց զգալի կերպով յուզուած՝ դէմքը դարձուց. անհամբեր Մարթին կըսպասէին ու վայրկեաններ կ’անցնէին կարծես դժուարութեամբ։ Այլեւս Սատարօֆ բան մը չէր ըսեր եւ պիշ պիշ կը նայէր ուրիշ անկողմնի մը վրայ երկնցած կնոջ մը որ դայեակին կըսպասէր իր կարգին։ Բրաց հիւանդը զբաղեցնելու համար հարցումներ կ’ընէր որոնց կը պատասխաննէր դժուարութեամբ եւ շատ անգամ ընդհատուելով, հարկ եղած բառերը չգտնալուն համար։

Մասնաւոր տե՞ղ մըն է որ ցաւ կզգաք կոր։

Ո՛չ Պարոն, ամէն կողմ կարծես ասեղի հարուածներ են կուրծքերուս վրայ եւ յետոյ ընդհանուր այրուցք մը. օ՜հ այո՛, եւ սարսուռներ, միշտ սարսուռներ։

Քանի՞ օր է որ դադրեցաք կաթ տալէ։

Ատելութեան եւ դառնութեան շողիւն մը փայլատակեց հիւանդին աչքերուն մէջ եւ թարթիչները աւելի մօտիկցուց, գրեթէ փակեց. ամբողջ դէմքը րոպէ մը անշարժ մնաց եւ նոյն իսկ շրթունքները տժգունեցան. մինակ իր հոգւոյն գերագոյն զայրոյթը կը մատնուէր յօնքերուն վրայէն ճակատին մկանունքներուն ձգտուելովը եւ աննշմարելի դող մը որ յօնքերը կծկել տուաւ վերջապէս։

Բրաց շահագրառուած՝ աւելի մօտիկցաւ։ Այդ գրեթէ փակ աչքերուն առաջք իր սովորական վստահութիւնը կը կորսնցնէր եւ ի զուր իր ոսկեգոյն աչքերուն հմայքը կը փորձէր. անիկա սրտմտած եւ անթափանցելի բան մը ունէր, խռովիչ եւ այնքա՛ն տարբեր սովորական հիւանդներէն։ Բայց նորէն չյուսահատեցաւ եւ շարունակեց հարցումներ ուղղել։

Դուք ո՞ր երկրէն էք, Տիկին։

Ես հարաւային Ռուսիաէն եմ։

Եթէ դժուարութիւն կ’զգաք ինքզինքնիդ բացատրելու, կրնաք Ռուսերէն խօսիլ Տիկին, այս Պարոնը ձեզի պիտի հասկնայ։

Առաջին անգամ ըլլալով հիւանդը նշմարեց Սատարօֆը եւ դժուարաւ փոխանակուած բառերէ ետքը սկսան ընտանեբար խօսակցիլ։ Բրաց ուշադրութեամբ եւ զարմանքով կը դիտէր երկուքին ալ դէմքերը եւ կը տեսնէր թէ ինչպէ՛ս Սատարօֆ կը յուզուէր եւ կը բարկանար հետզհետէ. վերջապէս մէկէն Բրացի դարձաւ եւ ըսաւ.

Ահռելի բան մըն է ինծի պատմուածը, Պարոն Բրաց, գրեթէ անհաւատալի. այս կինը, անբացատրելի, ոճրագործ անհոգութեան մը զոհն է պարզապէս, ի՞նչպէս կրնանք նման արարքներու հանդուրժել։

Բրաց բառ չէր գտեր ըսելիք։

Բայց այդ Տիկին Մոնթէնեին հրէշ մըն է։

Ինչպէ՞ս։

Ինչպէ՞ս. այս կինը հիւանդանոցէն կ’առաջնորդուի իր տունը. անմիջապէս որ հիւանդապահուպին կը մեկնի, դայեակը զինքը կը տանի ցուրտ սենեակ մը եւ կը հրամայէ որ հանուի, դեռ անկողինը չպատրաստուած, կիսամերկ եւ բոպիկ որքերով կ’ստիպուի սպասել հոն... այդ միջոցին ցաւերը աւելի ստիպողական կը դառնան եւ առաջին բողոքին՝ հայհոյութիւններով կը պատասխանեն իրեն։

Հիւանդը գլխովը հաստատական նշաններ կ’ընէր եւ երբեմն կը մրմնջէր.

Օ՛հ, բոլորովին իրաւ է, իրաւ է։

Բրաց մէկէն հիւանդին դարձաւ։

Բայց ինչո՞ւ չվերադարձաք անմիջապէս, ինչո՞ւ չեկաք հոս գանգատելու։

Տարօրինակ խնդուք մը լսուեցաւ, ջղային եւ ձգտուած խնդուք մը որ անախորժ տպաւորութիւն մը ձգեց երկուքին ալ վրայ։

Վերադառնայի՞. ինչպէ՞ս, Պարոն, երբ երկունքի ցաւերէս ամբողջ մարմնովս կը գալարուէի, ոտքի վրայ, իրաւ է, բոպիկ ոտքերով եւ շապիկով մը սառած սենեակի մը մէջ եւ իբրեւ քաջալերութիւն լսելով դայեակին հայհոյութիւնները, սպառնալով զիս փողոցը նետել եթէ ձայնս բարձրացնէի։

«Գիտէ՞ք հոս հիւանդանոց չէ, դրացիներ կան որ չեն ուզեր պոռալու ձայն լսել... ոռնալը բանի մը չի ծառայեր, ժամանակը գալու է որ ծնիք»։

Ու բոլոր ջանքս կեդրոնացուցի չպոռալու, ահ, իրաւ է որ կոկորդս կը սեղմուէր եւ խղդուելու փափաք կ’զգայի ու յետոյ ցուրտը, սարսափելի ցուրտը որ կարծես մինչեւ ոսկորներուս մէջ անցած էր, այդ միջոցին կամաց կամած դայեակը անկողինը կը շտկէր, թուղթեր, քաուչուներ, անվերջանալիօրէն թուղթեր կը տեղաւորցնէր որպէս զի անկողինը չվնասուի, ու բոլոր այդ միջոցին, ոտքի վրայ, հպարտութենէս եւ անկարողութենէս կատղած ամենէն ահռելի բաներուն կը մտածէի։

Ի՞նչ տղայ, Աստուածս, բոլոր այդ բաներուն տեղ կրնայիք պահանջել, կրնայիք պոռալ, որ կը մսիք կոր, որ պառկելու պէտք ունիք։

Այո՛ տղայութիւն էր այդպէս ընելը բայց այդ րոպէին ինքզինքս այնքան տկար եւ անկարող կըզգայի, ... յետոյ վերջապէս հազիւ պառկած՝ տղան ծնաւ։ Դեռ անդամներս տաքցած չէին անկողնին մէջ եւ դայեակը կէս մը զարմացած իր գործը դիւրանալուն, միւս կողմէ աճապարելու ստիպուած իբրեւ շնորհաւորութիւն երեսիս պոռաց. «Կրնայիր քիչ մըն ալ լակոտդ ներսդ պահել հէ՞... դեռ serviette մը անգամ չունիմ պատրաստ»։ Ու տեսայ որ տղուն թեւերէն բռնած ցուրտ appartementին մէջէն, բոլորովին մերկ ուրիշ սրահ մը տարաւ. սենեակը այնքան պաղ էր որ տղուն ամբողջ մարմնէն շոգի կը բարձրանար նոր մորթուած նապաստակի մը պէս… ա՛հ…։

Սուր ճիչ մը արձակեց եւ նորէն ձեռքերը կուրծքին տարաւ ու ցաւին սաստկութենէն ստորին շրթունքը կը խածնէր բարակ եւ ճերմակ ակռանեներովը։ Ծայրայեղ յուզմունքը լեզուն կը բանար եւ առանց դժուարութեան մը խօսօր, միայն իր օտար շաշտը աւելի զգալի վայրագ բան մը կուտար խօսքերուն մանաւանդ երբ բառերը կորսնցնելով կ’սկսէր խնդալ, միշտ նոյն ջղային խնդուածքովը։

Աչքերս վարագուրուած էին գրեթէ բայց տեսայ եւ անդրադարձայ դայեակին ըրածին. գաղափարը որ տղաս կրնար մեռնիլ, ինծի ուժ տուաւ եւ ուզեցի ելլել անմիջապէս ետեւէն երթալ։ Հազիւ թէ գլուխս բարձրացուցի նորէն՝ կապարի պէս ծանր՝ ինկայ բարձին վրայ եւ հասկցայ իրաւամբ թէ որքա՛ն այդ չար կնոջ ձեռքին մէջն էի։ Ու սկսայ լալ տղու պէս, բարձր ձայնով, հեծկլտանքներով։ Երբ անիկա վերադարձաւ ինքզինքմէս ելած գոչեցի.

Բեր, հո՛ս բեր տղաս, իմ քովս, անկողնիս մէջ. բեր որ տաքցունեմ իր խեղճ, պզտիկ մարմինը. ու տեսնելով որ բնաւ մտիկ չըներ կոր ինծի, սկսայ աղաչել.

Ի՞նչ կ’ըլլայ, անգամ մը միայն, վայրըեան մը բեր տղաս, գոնէ ըսէ աղջի՞կ է, մա՞նչ է…

Մէկէն ինծի դարձաւ զայրացած.

Վերջացա՞ր. ես խենդի հետ խօսք չունիմ, հանգիստ պառկէ, ապա թէ ոչ գործդ գէշ է։

Ասով ալ չյուսահատեցայ ու նորէն աղաղակեցի.

Շատ բան մը չէ ուզածս, Տիկին, ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ բառով մը ինծի իմացնէք տղուս ինչ սեռէ ըլլալը։

Սենեակին մէջ պզտիկ բաներով զբաղած՝ ուշադրութիւն անգամ չէր ըներ ըսածիս. այն ատեն զայրացած մէկ թափով նստեցաւ անկողնիս մէջ եւ մէկ սրունքս արդէն դուրս՝ սպառնացայ.

Պիտի բերէ՛ք տղաս, ապա թէ ոչ պիտի մեկնիմ անմիջապէս, անմիջապէս։

Ա՜հ… հանգիստ չես կենար հէ՞ ասիկա մի՛ կարծեր գործդ պիտի յառաջացնէ, օտարականի կտոր, պիտի տեսնես դուն։

Բռնի ինծի պառկեցուց. այնքան տկար էի որ դժուար բան մը չէր այդ, եւ երբ վերմակիս տակ մտայ բոլոր մարմնովս կը ցնցուէի, աչքերս արցունքներէս կուրցած էին եւ կ’այրէին, յամառութեամբ կը մրմնջէի մինչ ականջներուս մէջ բզզիւն մը իմ ձայնս ինծն անլսելի կը դարձնէր։

Մանկի՛կս, անգամ մը միայն, անգամ մը համբուրեմ։

Դայեակը հեռացաւ սենեակէն եւ այնատեն հառելի գաղափար մը մտքիս մէջ ծնաւ. «թերեւս րէշ մըն է տղաս, պակասաւոր արարած մը. անոր համար չուզեց ինծի ցուցնել»։

Գիշերը միայն երեւցաւ նորէն դայեակը եւ մեծ զարմացումով զինքը ժպտուն տեսայ, ձեռքը ճակտիս դրաւ եւ մեղմ ձայնով մը ըսաւ ինծի.

Ալ տենդ չունիս, հիմա կրնանք խօսիլ այնպէս չէ՞. ի՞նչ պիտի ընես տղադ։

Ի՞նչ պիտի ընեմ... ։

Այո՛, պէտք է որ ինծի ըսես թէ կուզես զայն պահե՞լ թէ լքել... ։

Բայց անտարակոյս, պահել կուզեմ իմ տղաս, գոչեցի մէկէն, ամբողջ մարմնովս դղրդուելով. ա՜հ արդէն ինչ ծայրայեղ փափաք մը կ’զգայի այդ պզտիկ էակը կուրծքիս վրայ սեղմելու, ու թեւիս վրայ զգալու անոր սիրելի գլխուն ծանրութիւնը։

Սրտնեղ շարժումով մը շապիկս բացաւ եւ գրեթէ ցաւցնելով ստինքս քննեց։

Չպիտի կրնաս, ըսաւ չոր ձայնով մը, ու անմիջապէս աւելի ճկունութեամբ եւ անուշութեամբ աւելցուց.

Ես ստնտու մը կը ճանչնամ, սքանչելի կին է, դիւրամատչելի պայմաններով, վաղն իսկ կը ղրկենք տղեկը եւ դուն ալ հանգիստ կ’ընես։

«Չպիտի կրնա՜ս». մինակ այս բառերը լախտի հարուածի մը պէս ինկան իմ գլխուս եւ նորէն սկսայ լալ յուսաբեկ մայրութեան մը բոլոր դառնութեամբը. բայց մէկէն կորով ստացած, աւելցուցի.

Ամէն բան պիտի փորձեմ, Տիկին, թերեւս վերջապէս յաջողիմ։

Առանց պատասխանի հեռացաւ քովէս. ամբողջ գիշերը անցուցի կէս մը տենդի մէջ, հարուածուած արդէն դայեակին խօսքերէն եւ տղուս կարօտովը տանջուած, որուն դեռ աղջիկ կամ մանչ ըլլարը չէի գիտեր։ Այն գիշերն իսկ աստիճանաբար զգացի կուրծքիս բարձրանալը, լցուիլը առատ կաթով, մինչեւ առաւօտ, այնպէս որ առաջին լոյսին շապիկս բացի եւ հրճուանքով տեսայ որ թեթեւ ճնշումի մը ճերմակ եւ մաքուր կաթը կը ցայտէր արդէն արագօրէն։

Քիչ մը ետքը տեսայ նաեւ մանչուկս, պզտիկ եւ նիհար տղեկ մը, գրեթէ ճղճիմ, բայց արդէն յոյսով լեցուն էի եւ սկսայ դիեցնելու տաժանագին սկսնակութեան. ու չյաջողեցայ. մինակս, անփորձ՝ ի՞նչ կրնայի ընել, անգամ մը իսկ դայեակը չեկաւ ինծի օգնելու, կաթը հետզհետէ լեցուելով կը կարծրացնէր ծիծերս եւ ցաւեր կ’զգայի. պտկունքներուն վրայ վէրքեր գոյացան եւ եղաւ ատեն մը որ ամէն անգամ կաթ տալուս կաթին հետ արիւ կը հոսէր... վերջապէս տենդը վրայ եկաւ ու բժիշկը առաջին այցելութեան իսկ արգիլեց ինծի կաթ տալու. տղաս հեռացուցին քովէս եւ անմիջապէս մեկնեցայ, քանի մը օր տունը անցուցի մինակս, թաղին բժիշկին խնամքովը գոհանալու, բայց հիմա այլ եւս, պարոն բժիշը քաջութիւն չունիմ մինակս տունը մնալու, ու ինծի ըսին մանաւանդ թէ դուք կրնաք խնամել զիս եւ կաթը վերադարձնել։

Բրաց եւ Սատարօֆ անխօս մտիկ ըրին մինչեւ որ հիւանդը խօսքը վերջացուց. բայց անիկա իրենց կը նայէր կարծես առ յաւէտ կորսնցուցած յոյսը որսալու համար անոնց նայուածքէն։ վերջապէս Բրաց բարի ձայնով մը ըսաւ անոր.

Տիկին, ամէն ջանք պիտի ընենք ապահով եղէք, թերեւս կարենաք նորէն դիեցնել ձեր տղան, ամէն պարագայի մէջ այսօրուընէ իսկ ձեր մանկիկը ձեր քովը պիտի ունենաք։

Ա՜հ... ։

Այս ըսելով յառաջացաւ դէպ ի դուռը. Մարթ կը հասնէր պէտք եղած նիւթերով։

Հիւանդը կողմնակի նայուածք մը ուղղեց նշդրակներուն՝ ապակեայ անօթի մը մէջ պահուած, մէկը ուղիղ եւ միւսը կարճ ու կեռ. բայց Բրաց մէկէն զինքը ապահովցուց.

Թմրեցուցիչ դեղով մը պիտի անզգայացնեմ վէրքը, ու բնաւ ցաւ չպիտի զգաք։

Հիւանդը կանգնեցաւ՝ կորովի։

Նոյն իսկ ցաւը փոյթս չէ, պարոն, կը ցաւէ որ շուտ ըլլայ։

Սատարօֆի օգնութեամբ pansementները քակեցին, հետզհետէ սարսուռը կը շատնար եւ երբեմն բոլոր մարմնովը կը ցնցուէր կարծր մուսլինէ ժապաւէնը օղակ օղակ գետին ինկաւ. բնազդական շարժումով մը կինը ձեռքը դրաւ բամպակէ խաւին վրայ որ ամբողջ կուրծքը կը ծածկէր. բայց քաջութեամբ ձեռքը քաշեց եւ կուրծքը երեւան եկաւ կարմրած եւ փայլուն, հրէշային վէրքի մը պէս տեղ տեղ ցցուաց այնպէս որ իրենց բնական կորութիւնը բոլորովին կորսուած էր այլ եւս։ Կարմրութիւնը մինչեւ ուսերը տարածուէր ու պտկունքը կ’արիւնէր նեխութեանց պզտիկ կաթիլներ դուր տալով։

Թերեւս մատներով Բրաց քննեց վէրքերը, մէկէ աւելի abcèsներ գոյացած էին. եւ իր իւրաքանչիւր հպումին հիւանդը աղաղակներ կ’ապձաւէր, սարսափի եւ ցաւի աղաղակներ՝ շուտով զսպուած գերագոյն յոյսով մը.

Ա՜հ շուտով, շուտով...

Նորէն իր կարմիր շրթունքը տժգունեցան եւ աչքերը փակեց թարթիչներուն ներքեւ. նոյն միջոցին իսկ Բրաց նշդրակի արագ շարժումով մը abcèsն բացաւ։ Սուր աղաղակ սը, յետոյ հեծկլտանքներ. կուրծքէն վար առատօրէն նեխութիւնը կը հոսէր եւ հակառակ ամէն ջանքերու abcèsապականէր հիւանդին հագուստները. երբ նեխութիւնը դադրեցաւ, վէրքին արիւնոտ շրթունքներուն մէջէն ճերմակ եւ մաքուր կաթը սկսաւ հոսիլ, ի զուր, գետինը... դոյլ մը մօտիկցուցին իրեն եւ հիւանդը աթոռին վրայ նստած ծռեցաւ դէպ ի հոն, աչքերովը հետեւելով մաքուր եւ առատ կաթին որ երկար ատենէ ի վեր զսպուած՝ կը ցայտէր դէպ ի դուրս եւ կը սրսկուէր ամէն տեղ, մինչեւ բժիշկին վրայ։

Սատարօֆ տխրութեամբ կը դիտէր ինքն ալ ու երկու բժիշկները այնքան տժգոյն էին որքան հիւանդը, որ այս միջոցին կը սարսռար նորէն եւ կզակը կը կափկափէր։

Բրաց Մարթին դարձաւ եւ ձեռքէն առնելով տաք թէյը, որուն մէջ շատ քանակութեամբ րօմ աւելցուցած էին, հիւանդին տուաւ եւ ետին դառնալով աւելցուց։

Մա՛րթ, մեզի համար ալ պատրաստէ։