Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Բրաց հիւանդ կնոջը քով կը շտապէր երբ Էվան նշմարեց. գլխովը բարեւեց եւ վայրկեան մը վարանելէ ետքը քովը եկաւ։

Տիկին Էվա՛, ըսաւ ժպտելով, կարծեմ ձեզի շատ սպասցուցի։

Հոգ չէ Պարոն Բրաց։

Բարեկամաբար ձեռքը Էվաին ուսին դրաւ եւ համոզող ձայնով մը աւելցուց.

Քիչ մըն ալ սպասեցէք. չը՞լլար. հիմա ձեզմով պիտի զբաղիմ։

Էվա անոր ներկայութեանը հրճուանքին մէջ չկրցաւ պատասխանել. մեղմօրէի Բրացին ձեռքը կը ծանրանար ուսին վրայ. ճշմարտիւ անիկա այնպիսի պարուրող, գրաւող բան մը ունէր որ Էվա բոլորովին մոռցաւ երկայն սպասումի մը տանջանքը։

Տիկին Էվաին համար աթոռ մը բերեք, հրամայեց հիւանդապահուհիին։

Էվա զգածուեցաւ այս մասնաւոր ուշադրութենէն որ կրնար ծայրայեղ քաղաքավարութիւն մը համարուիլ այս ցաւի եւ նուաստութեան միջավային մէջ։

Նոյն միջոցին դայեակը որ զբաղած էր կինը խնամելու, կանչեց Բրացը։

Գետինը կը տարածուէր հիւանդ կինը եւ խեղդուկ ձայնով մը կը տքար. իր սեւ խեղճուկ հագուստը բոլորովին թրջուած էր թանձր եւ նողկալի հեղուկով մը որ հետզհետէ կ’ընդլայնուէր գետնին վրայ։

Տղու վտիտ ու ճնշուած ճիչ մը ծնունդը իմացուց. ու վայրկեան մը ընդհանուր ուրախութիւն տիրեց. բնազդական եւ անգիտակից ուրախութիւն մը. բոլոր դէմքերը կը ժպտէին ու դայեակը տղան գիրկը առած գորովանքի անուշ բառեր կ’արտասանէր։

Երբեմն Բրաց կը նայէր Էվաին եւ կը ժպտէր անոր.

Հոտ աղէ՞կ էք Տիկին Էվա։

Այո՛ Պարոն Բրաց։

Բոլորովին առողջ։

Անկողնի մը վրայ դրէք զայն որպէս զի աւելի հանգիստ ըլլաք։

Բրաց թեւերը հանգրիճած էր ու ձեռքերը արիւնոտ էին։

Պէտք է այս կինը անկողնին վրայ փոխադրել, ըսաւ հիւանդապահուհիին. գնա՛ Ֆրանսուան կանչէ՛։

Յամրաբար ձեռքերը կը լուար եւ երբեմն գլուխը կը դարձնէր նորածինը տեսնելու համար։

Գեղեցիկ տղայ մըն է. պէտք է կշռել։

Քանի մը վայրկեանէն Ֆրանսուա հասաւ։

Կամաց մը Բրացին հետ կինը վերցուցին։ Էվա տարօրինակ անհանգստութիւն մը կը զգար տեսնելով խեղճ կնոջը մերկ սրունքները անծանօթի մը թեւերուն մէջ. կօշիկները ինկան գետին եւ ծակծկուած գուլպաները ծայրայեղ եւ անխնամ թշուառութեան մը տպաւորութիւն կ’ընէին. հիւանդը սակայն այս բաները փոյթ ընելու ձեւ չունէր. թերեւս քիչ մը առաջուան ցաւին սաստկութիւնը մոռցնել կուտար իրեն ամօթխածութիւնը, կամ թէ երկայն վարժութիւնը իր ամբողջ կեանքին՝ հիւանդանոցներու սրահներու մէջ քաշքշուած կամ օտար անկողիններու վրայ, ենթակայ մարդոց կոպտութիւններուն։ Եւ երբ Բրաց հագուստը ու շապիկը վեր կը հանէր անոր, Էվա այնպիսի ուժգին զգայնութիւն մը ունեցաւ նողկանքի եւ գթութեան որ գլուխը դարցուց ա՛լ չտեսնալու համար. նոյն միջոցին իսկ տեսած էր կնոջը լխկած փորը դեռ նոր դղրդուած մայրութենէն, եւ գծաւորուած կապտորակ եւ ուռած երակներէն. ու ասիկա անանկ յուսահատական տգեղութիւն մըն էր որ Էվա անձնականապէս անոր ամօթը ունեցաւ։

Ա՜խ, կարելի՞ է աս աստիճան տգեղութիւն։

Ու գրեթէ վախով էր որ դիտեց, իր դիւրաթեք եւ ճկուն հասակը։

Աթոռին յենակին կռթնած յամրաբար կը տատանէր, մտածելով, հիւանդներու շարք մը յանցնէր մտքէն, ընկճուած ու ցաւագին, անգութ ցաւեր, միսեր վերքերէ յօշոտուած… բոլոր ասոնք տեսած էր իր շուրջը, իր քովը. վերը, տենդին միջոցին։ Եւ վերյուշութիւնը բոլոր այս բաներուն՝ տեսնուած արդէն ցնորքներու մէջէն՝ մղձաւանջի պէս կը վրդովէր զինքը։

Դուրսը կառքերը կը թաւալէին եւ անոնց շարունակական աղմուկէն օրօրուն Էվա թմրութիւն մը զգաց. հականեխականներու հոտը միշտ զինքը կը գինովցնէր արդէն. նոյն միջոցին տեսաւ որ Բրաց դէպ իրեն կուգար։

Յայտնի կերպով անհանգիստ երեւոյթ մը ունէր անիկա եւ ինքզինքին ձեւ մը տալու համար Էվաի քով կեցած կը խաղար տղուն հետ։ Յանկարծ զայն թողուց եւ աչքերը Էվայի դարձուց՝ նայուածքովը զայն հարցափորձելով։ Անմեկնելի բան մը կար աչքերուն մէջ կարծես տխրութիւնով վարագուրուած, ա՛յնքան հանդարտութիւն եւ անուշութիւն ունէր նայուածքը։

Էվա՝ անմիջապէս յուզուած, կարմրեցաւ. իր հոգւոյն մէջ թէ՛ հաճոյք եւ թէ վրդովմունք կ’զգար. եւ այս հակասական խառնուրդը զինքը քմահաճ կը դարձնէր. ամէն անգամ որ բառ մը կ’արտասանէր կը վախնար որ անով կամ ինքզինքը պիտի մատնէր կամ պիտի վիրաւորէր Բրացը. իրենց մէջ արդէն հիւանդի եւ բժիշկի մտերմութիւն կար եւ ասիկա աւելի կը դժուարացնէր իրենց փոխադարձ ընթացքը։

Աղջիկս, կ’ըսէր Բրաց Էվաին, բնաւ հոգ մի ընէք կաթին համար. այսօր իսկ պիտի ունենաք, հիւանդի ձեւ մը ունիք, շատ տանջուած ըլլալու էք։

Ահ, այո՛ Պարոն Բրաց։

Մեղմօրէն կը շոյէր Էվաին երեսը եւ անուշ բառեր կ’ըսէր, ամոքիչ բառեր։

Ձեր ցաւը կը հասկնամ, Տիկին, այնքա՛ն կը սիրէք ձեր աղջիկը, գիտեմ, բայց հաւատացէ՛ք ինծի, գրեթէ հիւանդագին է ատիկա. պէտք է որ հանդարտ մնաք ապա թէ ոչ ապահովաբար կը հիւանդանաք։

Ուղիղ Էվաին աչքերուն մէջ կը նայէր, անիկա այնքան յուզուած օր որ շրթները կը դողային եւ աչքերը լեցուն էին։

Ինչո՞ւ կուլաք կոր. ցաւ մը ունի՞ք։

Օ՜հ, այո՛։

Անգիտակցաբար ըսած էր ասիկա. իր ցաւոտ հոգիին մէջէն ճշմարտիւ կը տանջուէր եւ կը զգար որ իր ցաւը շատ խորին եւ անմխիթարելի էր. բայց ասիկա չէր կրնար բացատրել Բրացին։

Անտարակոյս Բրաց հասկցաւ անոր շուարումը եւ խօսակցութիւնը փոխելու համար ըսաւ Էվաին։

Հիմակ, Տիկի՛ն, մէկտեղ կ’երթանք Լէօնթինէն կաթը առնելու։

Չէ՛. չեմ ուզեր Լէօնթինը տեսնել։

Լաւ, Լէվրէ սրահկ կ’ելնենք եւ հսկող կինէն կ’ուզենք։

Ոչ ալ Լէվրէ սրահը երթալ կ’ուզեմ, Պարոն Բրաց։

Բրացը կը ժպտէր այս քմահաճոյքներուն։

Բայց ինչո՞ւ աղջիկս։

Քաջալերուած՝ Էվա մէջտեղ հանեց իր արժանապատուութեան եղած վիրաւորանքը։

Չեմ ուզեր Լէվրէ սրահը երթալ, որովհետեւ երբ տենդէն ետքը պիտի մեկնէի հիւանդանոցէն, ծրարներս քակեցին նայելու համար որ բան մը գողցած չըլլամ։

Բարձր ձայնով կ’ըսէր ասիկա, բարկութենէն սարսռուն որ նորէն իրեն մէջ կը գրգռէր անցեալ թշնամանքին յիշատակը։

Դայեակը զայն ընդհատեց։

Բայց Տիկին ատիկա հաստատութեան օրէնքն է. ամէնուն ծրարներն ալ կը նային։

Օրիո՛րդ, մէկունն ալ նայելու չէին։

Կամաց մը Բրաց զայն հանդարտեցուց։

Ձեզի վիրաւորեց ատիկա, Տիկի. իրաւունք ունիք. բայց ես պիտի ուզէի որ նորէն ինծի հետ գայիք. կը խոստանամ ձեզի ասանկ բան ա՛լ չպիտի ընեն, ա՛լ երբէք, երբէ՛ք...

Գրեթէ հակառակ Էվաին զայն դուրմ մղեց. դեռ պարտէզը չէին անցած երբ արդէն Էվա իր կամքին բոլոր ուժը կորսնցուց. իր ամբողջ հիւանդ հոգւովը Բրացի ազդեցութեան ներքեւ կը զգար ինքզինքը. անոր ձայնին հանդարտ բայց տիրական շեշտը ըմբոստացումի ամէն ջանք կ’անետացնէր իր մէջ։ Այդ միջոցին Բրաց ամէնէն անկարելի բաները կրնար հրամայել անոր։ Էվա իրաւ է թէ տարտամօրէն ունէր իր տկարութեան զգացումը բայց միեւնոյն ատեն ինքզինքնին անկարողութիւնն ալ գիտէր այդ տկարութեան յաղթելու. մէկէն անբացատրելի անձկութիւն մը անցաւ հոգւոյն մէջէն, որոշ զգայնութիւնը ունեցաւ դժբաղդութեանը որ իրեն կը սպասէր, որ պիտի կատարուէր... յանկարծակի ցնցումէն դեդեւեց ու կռթնեցաւ պատին.

Աճապարեցէք, Տիկին. ըսաւ Բրաց։

Էվա չշարժեցաւ, բայց անիկա ձեռքէն բռնեց եւ ստիպեց քալելու, տկար շարժումով մը Էվա ուզեց նորէն ազատիլ բայց զգաց իր ջանքին անօգուտ ըլլալը որովհետեւ Բրաց աւելի սեղմեց մատները եւ ասիկա գրեթէ նուաճում մը եղաւ։

Նրբանցքին վրայ կեցան. լալու ձայն մը լսեցին, ընդհատուած անհասկնալի բառերով, յետոյ հեկեկանքներ. շտապով յառաջացան. հսկող կնոջ խուցը պարապ էր. երբ Լէվրէ սրահը հասան արդէն բաւական հոգի հաւաքուած էին մուտքին մէջ. փոխ-հսկողուհիներ իրենց սեւ ժապաւէններովը հպարտ՝ որուն ծայրերը գլխուն վրայ ճերմակ գդակին ետեւէն կապ մը կազմելով կ’իյնային վար. ներքին դայեակներ վարդագոյն համազգեստով եւ ճերմակ գոգնոցներով, քանի մը ուսանողուհի եւ հիւանդապահուհիներ։ Բրացը անմիջապէս թողուց Էվան կամաց մը անոց ըսելով.

Ինծի սպասէ հոս, պէտք է որ հիմա Տօքթէօռ Բարօին քով երթամ տեսնանք ի՞նչ կայ,

Էվա ինքն ալ ուշադրութեամբ նայեցաւ եւ տեսաւ Տօքթէօռ Բարոն, անոր պարթեւական հասակը կը բարձրանար ամէնուն մէջ, այդ միջոցին խիստ, գրեթէ հատու նայուածքմը ունէր եւ չափազանց տժգոյն մտիկ կ’ընէր առանց բառ մը ըսելու. յայտնի կերպով յուզուած եւ բարկացած էր. Օրիորդ Էլուա դայեակներու պետը կը ջանար համոզելու լացող կինը։ Հանդարտեցէք, Տիկին, շատ դժբաղդ բան մըն է եղածը. բայց ի՛նչ ընենք. բնութեան գործն է։

Քիչ մը ատեն կինը կը լռէր. հեկեկանքները կը մարէին բայց նորէն աննուաճելի վիշտով մը յիմարացած ոտքի կ’ելլէր եւ կը պօռար, խենդի պէս լալով եւ ինեքզինքը ասդին անդին զարնելով ու արցունքներէն խեղդուած ձայնին մէջ բառեր կը լսուէին, կիսատ եւ տխուր բառեր։

Մտիկ ըրէք օրիորդ... Հիմակ բոլոր ճշմարտութիւնը պիտի ըսեմ ձեր երեսին... Ո՛չ թողուցէք որ խօսիմ... տղաս հիւանդ էր երեկուընէ ի վեր... հարկաւ ես ամէնէն աղէկ գիտէի ասիկա... ձեզի ըսելիք չունիմ, դուք մայրը չէք որ հասկնաք, հէ՞... ես միայն տղուս նայելով կ’զգայի որ կը տանջուէր կոր, նոյն ցաւը իմ մէջս ալ կար... դեռ քանի՞ օր է որ իմ մարմինէս բաժնուեցաւ. դեռ ծանրութիւնը կ’զգամ փորիս մէջը. այսպէս ես վստահ էի որ ցաւ ունէր իմ խեղճ պզտիկս. ասիկա ըսի այն լկրտած հիւանդապահուհիին. վրաս խնդաց... ա՜հ, աչքերը պիտի փորեմ անոր։

Հանդարտէ՛ աղջիկս, մենք արդէն վռնտեցինք զայն հիւանդանոցէն, կուզե՞ս ինծի մտիկ ընել։

Կինը արցունքէն կուրցած աչքերը դարձուց օրիորդ Էլուաին։

Հարկաւ օրիորդ, դուք, դուք բարի էք, դուք չէլ ծաղրեր խեղճ մարդիկը, աղէկը գիտեմ, ձեզի դէմ քէն չունիմ, հաւատացէք, բայց օրիորդ մտիկ ըրէ՛ք...

Օ՜հ գիտեմ գիտեմ, մի յոգնիք, դեռ հիւանդ էք։

Աւելի գէշ, տղուս պէս պիտի մեռնիմ ես ալ։

Էվա շատ բան չէր հասկնար եղածէն. մինակ սիրտը սեղմուած կը տեսնէր այդ մայրը ցնորքի մէջ դեռ քանի մը օրէ ի վեր միայն ծննդաբերութեան ցաւերէն ազատուած եւ այնքան տժգոյն որ մարդ կը զարմանար զայն ոտքի վրայ տեսնելով. մութ կարմիր շալ մը խաչաձեւ կապած էր կուրծքին վրայ եւ այնքան նիհար եւ կմախային երեւոյթ մը ունէր որ կարծես իր յախուռն շարժումներուն մէջ կտոր կտոր գետին պիտի իյնար։

Տօքթէոռ Բարօն բոլորովին յուզուած ասդին դարձաւ եւ տեսնելով բազմութիւնը հրամայեց որ ամէնքը իրենց գործին երթան. Լէվրէ սրահին մուտքը պարպուեցաւ երկվայրկեանի մը մէջ ու Էվա կրցաւ տեսնել սրահէն ներս ճերմակ անկողիններու շարքը որոնց մէջէն գլուխներ երկնցած կը շահագրգռուէին իրենցմէ մէկուն դժբաղդութիւնը։

Այն ատեն վերջապէս Տօքթէօռ Բարօն հարցուց այնպիսի ձայնով մը որուն մէջ հազիւ թէ խորին վրդովմունքը զսպուած էր եւ ասով իսկ մետաղական եւ ծանր շեշտ մը կ’առնէր։

Քանի՞ օր է որ տղան ծնած է այս կինը։

Ասիկա թիւ 10ն է Տօքթէօռ վեցերորդ օրն է այսօր։

Պէտք չէ թոյլ տալ որ մեկնի. ուրիշ սրահ մը փոխադրեցէք. ու Բրացին դառնալով ըսաւ.

Ուժով տենդա մը պիտի ունենայ. ձեզի կը յանձնեմ։

Կինը ապուշցած մտիկ կ’ընէր. վերջին բառերը միայն ցած ձայնով արտասանուած չլսեց. բայց այլեւս առանց դիմադրութեան թոյլ տուաւ որ զինքը հեռացնեն. դրանը առաջքը միայն ետին դարձաւ եւ անսահման վստահութեամբ գրեթէ ջերմեռանդութեամբ հարցուց Տօքթէօռ Բարօին։

Տօքթէօռ, տղաս պիտի ազատէ՞ք արդեօք։

Այո՛ աղջիկս։

Հազիւ թէ կինը աներեւոյթ եղած էր երբ Տօքթէօռ Բարօ տղուն քով շտապեց. սեղանի մը վրայ դրեր էին եւ սաւանով մը ծածկուած էր. դեռ խանձարուրին մէջ էր անիկա եւ կուրծքին վրայ կաթի արատներ կային. բժշկապետը տղան մերկացուց եւ ուշադրութեամբ քննելէ ետքը հարցուց.

Երբ մեռաւ այս տղան։

Որոշ չենք գիտեր, այս առաւօտ մայրը մեռած է գտեր զայն, ըսաւ օրիորդ Էլուա։

Տօքթէօռ Բարօ դէպ ի սրահը դարձաւ եւ գոչեց։

Պէ՛րթ։

Հիւանդապահուհին շտապով եկաւ։

Երէկ ժամը քանիի՞ն մայրը իմացուց որ տղան հիւանդ է։

Օրիորդ Էլուա տեսնելով Պէրթին շուարումը ինքը պատմեց։

Պէրթը արձակուրդով մեկնած էր երէկ, Սիւզանը հոս էր. կ’երեւայ թէ հակառակ խեղճ մօրը պաղատանքներուն մէկը չէ գացեր կանչելու. ընդհակառակը ամէն կարգի թշնամանքներով պատասխաներ է մօրը ստիպումներուն. գիշերը կինը դիտելով որ տղան պաղած է, քովը առեր է որ տաքցնէ մտքէն իսկ չանցնլով որ մեռած է արդէն։ Այս առաւօտ դայեակ մը կանուխէն ինծի կանչեց երբ արդէն բան մը չկար ընելիք բայց եթէ ջանայ մայրը մխիթարելու։

Ո՞ւր է Սիւզանը գոյեց անհամբերութեամբ բժշկապետը։

Մեկնեցաւ, անմիջապէս վռնտեցինք։

Ա՛հ, ջլդիկը... լսելի եղաւ եւ Տօքթէօռ Բարօ հեռացաւ շուտով առանց ետին դառնալու. ամէնքը անշշուկ անոր հետեւեցան. դեռ սանդուղներուն վրայ քայլերուն աղմուկը չէր դադրած երբ Ֆրանսուա ներս մտաւ։

Վարդապետը նեղացեր է, զուարճանալու երեւոյթ չունէր հէ՞։

Ուրիշ սրահներէ հիւանդապահ կիներ ներս խուժեցին գիտնալու համար թէ ի՞նչ դարձաւ իրենց մեկնելէն ետքը. եւ վայրկեանէ մը ամէն բան մոռցած կը խնդային, կը կուտակէին, մինչեւ իսկ մէկը յանդգնութիւնը ունեցաւ ըսելու.

Խեղճ Սիւզան. վռնտեցին այնպէս չէ՞. բաղդ չունեցաւ. գործը գէշի դառնալու չէր։

Է՜հ կը կարծես թէ շատ հոգն է այս աղտօտ տեղէն մեկնիլը. ինծի ըսաւ որ անմիջապէս Շարիթէ հիւանդանոցը պիտի երթար. հոն բժիշկ մը կը ճանչնայ։

Ի՞նչ ալ ապուշ կնիկ ըլլալու է այդչափ խնդիր ընելու համար լակօտի մը պատճառաւ։

Իրենց չքաւորութեան չեն նայիր, դեռ ալ տղայ ունենալ կ’ուզեն։

Ի՞նչ luxe ես շիտակըբաւական գոհ պիտի ըլլայի այսքան դիւրաւ տղու մը հոգէն ազատելուս։

Սուս հսկողուհին։

Մուկերու պէս հիւանդապահուհիները ասդին անդին փախան։

Ահագին կին մը մտաւ, գերութենէն եւ առողջութենէն զեղուն։

Ֆրանսուա՛ ի՞նչ կ’ընես հոս այսչափ ատենէ ի վեր, ինչո՞ւ մեռած տղան չի տարիր։

Ո՞ւր է։

Ահաւասիկ սեղանին վրայ։

Ֆրանսուա դիւրին շարժումով մը թեւերուն վրայ առաւ եւ վայրկեան մը օրօրեց։

Մանր չէ ասիկ, թիւ 7ին պէս. հըմ ինչչափ ալ խոշոր էր այն կինը։

Շուտո՛վ, Ֆրանսուա կատակի պէտք չկայ։

Հսկող կինը հեռացաւ. այն ատեն Ֆրանսուա միմոսի ձեւեր ընելով պզտիկ գիտակը նորէն օրօրեց թեւերուն վրայ։ Fait do do, mon pelit pierrot, fait do do...

Ներսէն հիւանդապահ կիները կը խնդային։

Petit lapin blanc, fait do do...

Յետոյ Էվաին դառնալով.

Աղէկ կը քնանայ կոր, չէ՞. ալ չպիտի արթննայ։

Այնչափ գէշ հնչեց ականջին, այնչափ cynique թուեցաւ Էվաին այս կատակը, երբ արդէն բոլորը հոգւով կը տանջուէր շատ մը պատճառներով որ՝ մէկէն ի մէկ մէկնեցաւ տղան առնելու եւ հեռանալու կարելի եղածին չափ շուտ այս դժոխային միջավայրէն։