Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՋ ԵՒ ՁԱԽ
(Քրոնիկ)

Օրերը կուգան կ’անցնին ամեն մէկը բերելով մեզի իւր բաժինը ռամիկ ու հասարակ դէպքերու, որոնցմով կեանքը կը ձեւանայ. կաթիլ մը արցունքով եւ քիչ մը ծիծաղով մարդկութիւնը՝ ամեն շաբթու գլուք իր հաշուեյարդարութիւնը կը կատարէ, զոր քրոնիկագիրը սնանկացած խաղամոլի հետաքրքրութեամբ կ’արձանագրէ աշխարհիս չորս կողմը։

Եւ երբեմն կը պատահի որ ո՛չ կաթիլ մը արցունք, ոչ իսկ պզտիկ ժպիտ մը կը գտնէք հրապարակին վրայ. ոչի՛նչ, տափակութենէ զատ, որ իզուր աջ եւ ձախ կը պտըտցնես հարթաչափ գործիքը, որուն ջուրէ խողովակին մէջ՝ օդին պուտիկը տեղէն չերերար. աննշանութիւնւը նշանակելու փորձ մը ըրա՞ծ էք երբեք. եւ այս է յաճախ մեր մէջ քրոնիկագրին ճակատագիրը։

Հին ատենի հելլէն փիլիսոփայ մը, զուարճախօս մարդ, կը պնդէր թէ փողոց ելած ատեն ո՛ր կողմ երթալը կ’անգիտանար, ուրկէ բանասէրք ոմանք հետեւցուցին թէ Դիոգենէս իր ժամանակի քրոնիկը գրողն ըլլալու էր. եւ ուրկէ ես կը հետեւցնեմ թէ խեղճ մարդը իր ատենին կաթողիկոսական պատուիրակն էր՝ Էջմիածին երթալու պատրաստուած։

Մեր պատգամաւորները հետզհետէ կը մեկնին, շալկած իրենց քուէները, խաչի պէս սուրբ ու ծանր միանգամայն, եթէ խղճահար եւ պարտաճանաչ են։ Պոլսէն՝ ուսեալ եկեղեցական մը՝ Օրմանեան Սրբազանն եւ համակրելի ու յարգելի վաճառական մը՝ Տիգրան էֆ. Կիւմիւշկէրտան, մայրաքաղաքիս Հայոց կարծիքը կը տանին ի Վաղարշապատ։

* * *

Գլուխնիս դարձնենք Վաղարշապատէն. նայինք… ո՞ւր, գրականութեան, ամուլ ու աղքատ, երկու աստիճանով շիուած սանդուղ, որուն լրագրական չորս յօդուածով բարձունքը հասած կ’ըլլաս՝ շուրջդ արհամարհանքով դիտելու համար, ուրկէ անցեալի մարդիկ սեւ բիծերու պէս միայն աչքիդ կ’երեւան, քե՝ որ ներկայի գրագէտն ես, այնպէս չէ՞։ Եւ յանկարծ այդ սեւ բիծերէն մին կը շարժի, կը խօսի։ Արդեօք իր երիտասարդութեան, իր դպրոցական կեանքի յիշատակնե՞րը պիտի բերէ մեզի շահեկան անէքտօդներով լեցուն. ո՛չ. այլ հեգնող սրամտութիւն մը, բառ մը կը նետէ որ, յստակ եւ որոշ, անհուն անջրպետէն կը հասնի քեզի, վառեա՜կ, քրքիջի մատնելով անհամեստներուն պարծոկ հնդկահաւի ձեւերը։

* * *

Համեստներէն մին ալ թողուց գնաց, ո՛չ հոն ուր նարնջենին կը ծաղկի, այլ հոն ուր դալարն անգամ յի ծաղկիր դեռ, վասն զի թարմ է հողը որ Սրապիոն Հեքիմեանը կը ծածկէ։

Վենետիկցի մ’էր այս ալ, Պէշիկթաշլեանի, Թէրզեանի, Աճեմեանի պէս բանաստեղծ եւ միանգամայն թատերագիր. իր «Տաղք եւ Բանաստեղծութիւնք» ստուար գործը չեն գիտեր շատերը. ինքն ալ կարելի եղածին չափ քիչ շշուկ եւ աղմուկ ընել ուզած էր, ճիշդ հակառակը անոնց՝ որոնց ցուցամոլութիւնը հիմա կատարեալ ծանուցումի մը ձեւերը կ’առնէ։

Յետոյ մոռացուած էր բոլորովին իր կենդանութեան մէջ. այս գրաբարագէտը սրբապղծումի պէս բան մը կը նկատէր իր շուրջը եռացող պղպջացող նոր լեզուն, անկանոն, երբեմն տգեղ, շատ անգամ շնորհալի ու գռեհիկ, ու քաշուած ր ասպարէզէն իր տոհմիկ գրագէտի մեկուսացման մէջ պահուըտած, շուկատ գրականութեան մը չի քսուելու երկիւղով։

* * *

Քանի որ համեստներու վրայ է խօսքս, չեմ կրնար չի յիշել հոյակապ անուն մը զոր լսած ենք ամենքս ալ։

Տ. Յովհաննէս Հիւնքեարպէյէնտեան դրացիս էր եւ փափաքեր էր մեծ մարդոց յատուկ խոնարհամտութեամբ մը տեսնել զիս անգամ մը. իր ալեհեր ու լայնարձակ ճակատը, որ մեծ իմացականութեան մը կեդրոնն է, կուրծքը ծածկող սպիտակ մօրուքը, այն անունը, որուն տէրն է ինք, զիս պատկառանքով կը լեցնեն եւ սիրայօժար կը համբուրեմ ձեռքը այս պատուական ծերունիին որ պատիւն է իր կարգին, իր ազգին եւ անոր գրականութեան։

Հմուտ հելլէն գրականութեան, որուն դասական հեղինակները ծանօթ են իրեն մերիններուն չափ, պարսկագէտ ու լատինագէտ, Հայր Հիւնքեարպէյէնտեան լեզուաբանական հսկայ եւ ապերախտ աշխատութեան մը հեղինակն է հայ բառերու ծագման վրայ։

Մէկ երկու հատուածներ, զորս կը հաճի ընթեռնուլ, հիացմամբ կը լեցնեն, զիս իր ապշեցուցիչ հմտութեան, յիշողութեան վրայ։ Այս մեծ բանասէրին հետազօտութիւնները կուտան մեզի շատ մը հայ բառերու ստուգաբանութիւնը, շատ մը պատմական ու շահեկան ծանօթութիւններ, որք մեր հին գրականութեան վրայ նոր լոյս մը կը սփռեն։

Եւ ակամայ այս աննման հմտութեան, այս խորին համեստութեան քով միտքս կուգայ երէկի տղաքը թոթովախօս դեռ եւ յաւակնոտ այնքան, եւ չեմ կրնար արգիլել Իւթիւճեանի բառը որ ահա նորէն գրչիս ծայրը կուգա։

- Վառեակնե՜ր։