Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՄՈՆ ՊԷՅ ՏԱՏԵԱՆ

Տատեան Սիմոն պէյի յուղարկաւորութեան հանդէսը՝ կիրակի օր կատարուեցաւ յԱյսթէֆանօ։

Ազգին երեւելիներէն շատեր ու բազմաթիւ նշանաւոր օտարազգիք պարտք սեպեր էին իրենց՝ ներկայ գտնուելու այս տխուր հանդէսին։

Սիրքէճիի կառախումբն առաւօտէն ընտրեալ բազմութիւն մը կը բերէ Այսթէֆանօի կայարանը։

Մերկ ու անմշակ դաշտի մը մէջէն, արեւատապ ծառուղիէ մը կը յառաջանանք, խօսելով հանգուցելոյն բարեմասնութեանցը վրայ ու յիշելով այդ ճշմարիտ ազնուականի դէմքը որ կ’անհետանար։

Գիւղին մօտ հասած դէպ ի աջ կը դառնանք եւ ահա Տատեանց յիշատակներով լեցուն հողին վրայ ենք։

Սիւնազարդ ապարանք մը նախ աչքի կը զարնէ իր վէս ու հպարտ ճակատովը. կռնակը անգլիական ձեւով շտկուած պարտէզ մը, հիմա անխնամ ու ինքնագլուխ թողուած, ուր բոյսերն ազատ ու համարձակ կ’աճին, իրենց կանաչը կը տարածեն ամեն դի, պարտիզին մէջ ու աւազուտ անցքերը գրաւելով, հարիւրամեայ ծառեր բարձրաբերձ, ուղիղ եւ աննկուն կեցած տարիներու բեռան տակ. այս ամենը ստուերամած ու սգաւոր, որք հին ատեաններէ մնացած անմռունջ վկայներու տպաւորութիւնը կը թողուն վրանիս։

 

* * *

Մեր եկեղեցին այս պարտիզին ծայրն է ու ճիշդ դէմն այն սենեակին ուր Սիմոն պէյ իր հոգին աւանդեց։

Հանգուցեալը մեր ազգին նշանաւոր գիտնականներէն մին էր. Սէնթ Պառպի ու Էքօլ Սանթռալի նախկին աշակերտ՝ այս վերջնոյն մէջ մանաւանդ ցոյց տուած էր իր մաթէմաթիքի հազուագիւտ տրամադրութիւնները, առաջին մրջանակն ստանալով, պատիւ մը՝ որ Ֆրանսայի մէջ անգամ պարզ աշակերտը մէկ օրէն միւսը անուանի ընելու կը բաւէ։ Հոս վերադարձին, արքունի վառօդարանի վերատեսչութեան մէջ ի յայտ ածեց իր վարչական ու չափագիտական մեծ կարողութիւնները։ Պալիսթիքի իր խորին հմտութիւնն՝ օսմանեան սպայակոյտն անգամ զմայլման մէջ կը թողուր։

Անկից վերջը քաշուած ու առանձնացած ապրեցաւ Սիմոն պէյ ատեն մը ի Պէշիքթաշ, յետոյ յԱյսթէֆանօ ուր վերջնապէս հաստատուած էր։

Այդ միայնութեան մէջ մաթէմաթիքթ եղաւ իր բոլոր հաճոյքը ու բոլոր զբաղումը. նորանոր ապացուցական եղանակներ գտած էր երկրաչափական բազմաթիւ թէօրէմներու. բարձրագոյն ալժէպռի ու անհունական հաշուոց սիրահար մ’էր։ Կրանանք ըսել որ այս եզական մարդուն բովանդակ կեանքը անծանօթ ճշմարտութիւններ որոնելով միայն անցաւ։

Այս մեծ հաշուագէտը իր հաշիւը միայն չգիտցաւ. իր ակնարկը միշտ վեր մնաց նիւթական ակնկալութիւններէ. բաղդին բերած տագնապները եկան անցան իր վրայէն առանց դառնացնելու իր ազնիւ հոգին։

Այնպիսի ժամանակի մը մէջ յորում մարդիկ ամեն ճշմարտութիւն շահերնուն կը զոհեն, մարդ մը գտնուեցաւ վսեմ երազատես մը որ ամեն շահ, ճշմարտութեան հաճոյքին համար զոհեց. եւ այդ տարօրինակ անձը Սիմոն պէյն է։

Ամուլ եւ անփառունակ կը վճռեն այս կեանքն անոնք՝ որոնց ռամիկ միտքն ու շահադէտ ոգին ճշմարտութեան իտեալը չի կրնար երբեք ըմբռնել։

Հանգուցեալն այն անձերէն էր որոնք ոչ միայն ազգի՝ այլ համայն մարդկութեան պարծանքն են։

Անոնք որ զինքը ճանչնալու բաղդն ունեցած են, կրնան վկայել իր հեզահամբոյր բարուցն որ ամեն սիրտ կը գրաւէր, իր համեստութեանը, եւ աղմուկէ ու համբաւէ խուսափող բնաւորութեանն որ ճշմարիտ գիտնականներու յատկանիշն է։

 

* * *

Եկեղեցւոյն մէջ ուր կրօնական արարողությունը կատարուեցաւ, ամեն ազգէ ու ամեն դասակարգէ խուռն բազմութիւն մը տեսանք սրտաբեկ ու զգացեալ. յոյն հասարակութիւնը գեղեցիկ պսակ մը ղրկաց ու մասնակից եղած էր ազգին ու Տատեանց սուգին։

Ազգային Հիւանդանոցի կողմէ աշակերտաց խումբ մը ղրկւած էր ի պատիւ հանգուցելոյն։

Գրիգորիս եպիսկոպոս որ դամբանականը խօսեցաւ բնաւ չի կրցաւ ներկայացնել մեզ ննջացելոյն պատկերը. գրական ու պերճախօսական ձիրքերէ զուրկ գտանք այս քարոզն, որ չէր պարունակեր նաեւ ո եւ է իմաստասիրութիւն երբ հանգուցելոյն պէս իմաստասէրի մը մահուանն առթիւ կ’արտասանուէր. եւ սակայն ո՜րքան խրատներ, ո՜րքան օրինակներ, ո՜րքան դասեր չէր կրնար աւանդել մեզ Սիմոն պէյի անստգիւտ կենցաղէն։

Ասոնց տեղ առաքինւոյն համար ապագայ կենաց վարձատրութեանը վրայ խօսեցաւ մեզի. ու չզգաց որ այս ակնկալութեան վարդապետութիւնը՝ Սիմոն պէյի պէս գերազանցապէս անշահախնդիր անձի մը դամբանին վրայ, իր տեղը չէր։

Գերեզմանին վրայ ննջեցելոյն սրտակից բարեկամ Յոյն մը, 50 տարուան մտերիմ մը, Սբիրաքի էֆէնտի, ալեւոր ու վշտաբեկ, յունարէն ատենախօսութիւն մը արտասանեց. Սիմոն պէյի ծնունդը տեսած էր ու հիմա մահը կը տեսնէր. երկու ծայրեր, երկու անծանօթներ որ զինքը ընկճելու համար միացեր էին։

Լալ ու հառաչելով խօսեցաւ եւ մենք լեզուին անտեղեակ, ատենաբանին սրտառուչ ձայնը լսեցինք մեր սրտին մէջ։

 

* * *

Մօրը քով, որ կը ննջէ եկեղեցւոյն բակին մէջ, իր մօրը պահպանութեանը յանձնեցինք այն սիրեցեալ անձն, եւ դարձանք միեւնոյն ճամբէն, միեւնոյն ստուերներուն մէջէն, հոգինիս ցաւով ու շփոթութեամբ լեցուած։

Իր գիտական որոնումներուն մէջ մեկուսացեալ եւ առանձին, իր փնտռած ու գտած ճշմարտութեանց վրայ կանգուն, իր փնտռած ու գտած ճշմարտութեանց վրայ կանգուն, իր բարձրութենէն իշխելով ամենուս վրայ, Սիմոն պէյի դէմքը կենդանի ու օրինակելի պիտի մնայ միշտ։

Մեր երիտասարդութիւնն անկէ պիտի սորվի որ գիտութիւնը պէտք է սիրել իր վերացական ու կոյս գեղեցկութեանը համար եւ ոչ թէ գձուձ ու գռեհիկ շահադիտութեամբ։

Դարձանք այս խորհրդածութեամբ սփոփուած։

Սիմոն պէյ կը թողու անբիծ ու անմոռաց անուն մը՝ որ ժառանգութիւններուն ամենէն թանկագինն է։