Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԲԻԿԵԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆԻ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Տաճկերէն լեզուի բառարանի մը երեւումը՝ գրական կարեւոր դէպք մըն էր. բայց ֆրանսերէնով միայն զբաղած մեր երիտասարդութիւնը՝ ատեն չունէր ուշադրութիւն ընելու անոր։ Աբիկեան էֆէնտիի հրատարակած բառարանին անունը՝ տաճկերէնի մասնագէտներու ու ուսուցիչներու անձուկ շրջանակէն անդին չանցաւ, երբ պէտք էր մեր ժողովուրդին մէջ տարածուիլ, իբրեւ մայրենի լեզուէն անմիջապէս ետքը, մեզի անրաժեշտ եղող լեզուն՝ ծանօթացնելու կոչուած աշխատութիւնը մը։

Այս գրական մեծ վաստակին առթիւ հրատարակուած քննադատականը՝ հանրային ուշադրութիւնը անոր վրայ դարձուց եւ եթէ փափաքեցայ ե՛ս ալ, ոչ տաճկագէտ մը, - գէթ այնքան՝ որքան պէտք է հմուտ ըլլալ բառագիրք մը դատելու համար, - իմ կարծիքս յայտնել եւ այս քննադատութիւնը իր ճշմարիտ չափին իջեցնել, պատճառն այն է որ կ’ուզէի Աբիկեան բառարանը ճանչըցնել մեր ժողովուրդին։

* * *

Քննադատին գլխաւոր առարկութիւնները յայտնի են. նախ՝ տրուած նշանակութեան տարտամ ձեւը, երբեմն բոլորովին սխալ լինելը. յետոյ կարգ մը բառերուն ո՛ր լեզուին պատկանած ըլլալու մասին եղած անճշդութիւններ, ու անկից վերջը՝ աւելորդ ու պակաս դրուած քանի մը բառեր։

Տրուած օրինակները բազմաթիւ են։ Բայց անոնք որ աչքէ անցուցած են Տաճկահայ բառագիրքը, իսկոյն պիտի ըսեն թէ քննադութիւնը՝ շատ հեղ չնչին ու տկար փաստերու, եւ երբեմն բառագրքին վերագրուած սխալներէն շատ աւելի մեծ սխալներու վրայ կառուցուած է։

Բայց ինչ որ աններելի է քննադատին, այն է թէ նախ, չէ կարդացած ուշի ուշով այն բառագիրքը, որուն դատաւոր ըլլալ առաջադրած է։ Այնքան չէ կարդացած որ չէ կրցած տեսնել «իրքեապ» բառը, էջ 38, «իսթիշմամ» բառը, էջ 49 եւ ասով՝ իրաւամբ իր բոլոր յայտնութիւնները ընդհանուր երկբայանքի ու տարակոյսի տակ ձգած է։

Ի՞նչպէս հաւատ ընծայել իրեն։ Գամուսէն, Ախթէրիէն եւ ուրիշ մեծ հեղինակութիւններէ յառաջ բերած ապայցոյցներուն վստահիլ, երբ իր ընթերցանութեան եղանակը՝ գրուածները չի գրուած համարելու չափ ուշացրիւ է։ Իրաւունք տուած չը՞լլար որ տարակուսինք այսուհետեւ թէ այդ բառագիրներէն յառաջ բերած փաստերն ալ շինծու ու անգոյ բաներ ըլլան բոլորովին։ Եւ իրօք ալ «իսթիպար» բառին նշանակութիւնը ճշդելու համար Ախթէրիէն եւ «թահմիր» բառին համար՝ Վանգուլիէն ըրած կոչումները աւելորդ են. որովհետեւ այս բառագիրքերը իրեն հերքումէ զատ ոչինչ պիտի տան։ Տե՛ս Ախթէրի էջ 38 եւ Վանգուլի էջ 369։

Այսպէս երբ իբրեւ իրողութիւններ իր ցոյց տուածներուն՝ սխալ ու անգոյ ըլլալը երեւան կ’ելլէ, իր վճիռը ինքնին կ’իյնայ զուրկ ըլլալով այն ամեն էական հանգամանքներէն՝ որոնք եթէ բառագիրք գրողներուն համար պիտանի են, քննադատական գրողներուն համար անշուշտ աւելորդ չեն։

* * *

Փութանք անմիջապէս աւելցնել որ նշանակութեանց անճշդութեան մասին եղած գանգատներն ալ ոչ նուազ անհիմն են։ Բացի մէկէն, «ատապ» բառէն, որ արդարեւ, գրականութիւն չի նշանակեր թուրքերէնի մէջ, ինչ որ հեղինակը ճշդած է արդէն իր բառագրքին երկրորդ տպագրութեամբը, միւս բոլոր բառերուն ամար տաճկահայ բառարանին մէջ ցոյց տրուած նշանակութիւններէն եւ ոչ մին սխալ է։

Ինչ որ քննադատը մոլորցուցած է անշուշտ, այն է թէ ինքը՝ օսմանեան լեզուի բառագիրքերէն ընտրութիւն մը ըրած է եւ ադոնցմէ դուրս ո եւ է հեղինակութիւն իր աչքին արժէք ունեցած ըլլալ չթուիր. Ահմէտ Վէֆիք փաշայի պէս մեծանուն մատենագրի մը Լէհճէն, Լուղաթը Օսմանիյէն, Բժշկական վարժարանէն յօրինուած բառագիրքը, ասոնք գոյութիւն չունին բնաւ իրեն համար։ Գամուսով, Ախթէրիով սահմանափակեալ իր դրութիւնը ըմբռնած չէ սա ճշմարտութիւնը թէ լեզուները կայուն ու անփոփոխ չեն եղած երբեք։

Ասով՝ քննադատը նմանած է քիչ մը անոնց, որոնք մեր մէջ, հինգերորդ դարի հայերէնէն տարբեր հայերէն մը չեն ընդունիր. այս անձուկ ու յետադարձ գաղափարին դէմ աւելորդ է հոս վէճ ու պայքար ընել։

* * *

Բայց նոյն իսկ հնագոյն մատենագրութեան սահմանին մէջ մնալով, դարձեալ իր խիզախ վճիռները չեն արդարանար։ «Իհթիսապ» ու «իխթիպար» բառերուն համար Աբիկեան էֆէնտիի տուած նշանակութիւնները՝ համաձայն են առաջինը՝ Ախթէրիի եւ երկրորդը՝ Գամուսի բացատրութեանց։ «Աղ» բառին «ճերմակ» եւս նշանակելը չընդունիր մինչդեռ շատ տեղեր գործածուած Օսմ. մատենագրութեան մէջ եւ Մուհամմէտիյէ 77րդ էջը գրուած է այսպէս.

Անասը տիրի իտի, ճէտտի հէմ սաղ

Քի Ապտիւլքմուդալէպտի, օլ եիւզի «աղ»։

Դարձեալ այս բառէն եղած է անշուշտ «Ագ» բառը որուն «սպիտակ» նշանակելը չգիտցող չկայ։

«Էպէտա»ն սովորաբար «երբեք» ըսել է, բայց սխալ չէ նաեւ «յաւէտ» նշանակութիւնը որով քերթողը կրցած է ըսել.

Քըլ տուայը Բատիշահիյի էտա

Վար օլսոն վիւճուտի Բաքի Էպէտա

եւ Աբիկեան էֆէնտի՝ երկու նշանակութիւններն ալ դնելով, աւելի շնորհակալութեան քան թէ պարսաւանաց արժանի կ’ըլլար։ «Թահմիր» բառին կարմրցնելու նշանակութիւնը՝ Ախթէրիի մէջ կայ արդէն. եւ «Ինթի աշ» բառը՝ որուն վրայ այնքան ծանրացած է քննադատը, «դիւրակեցութիւն» կը նշանակէ ճիշդ իր հաւնած Ախթէրիին մէջ, տե՛ս էջ 71 եւ արմատը «նա՛շ» «դիւրակեցիկ ընել» կը նշանակէ՝ Գամուսին համեմատ, տե՛ս էջ 355։

Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ այս ամենը տեսած չէ քննադատը։

* * *

«Պերուս»ը «պիւրսուզ» կարդալու համար ցոյց տրուած կանոնն ու հեղինակութիւնն անզօր են եւ անզօր պէտք է մնան ժողովրդեան արտասանութեան հանդէպ որ պարզութեան կը միտի միշտ։

Արտասանութեան աղաւաղումի խնդիրը ամեն լեզուի մէջ կայ եւ լեզուաբանութեան իմաստասիրութեամբը զբաղողները՝ գիտեն որ այդ աղաւաղումը՝ նոյն իսկ արտասանութեան կատարելագործութիւնն է։ Այսպէս, ի զուր Գամուսը «սէրիգաթ», «թէհլիւքէ» եւ «թէրիքէ» պիտի գրէ ինչ որ ժողովուրդը «սիրգաթ», «թէհլիքէ» եւ «թէրէքէ» պիտի կարդայ։ Ինչ որ արժանի է ուշադրութեան՝ այն է որ ժողովրդական բարբառին մէջ, «հարէքէ»ները կը պակսին միշտ, արտասանութիւնը կը դիւրանայ եւ աւելի ներդաշնակ կ’ըլլայ։ Աշխարհիս բոլոր բառագիրքերը միանան իսկ՝ անկարող են «թունպուր» արտասանել տալու մեզի ինչ որ սովոր ենք «թանպուր» կոչել եւ այս յառաջդիմութեան բնական օրէնքները՝ որոնք մեծ գաղտնիք մը ըլլալու չեն մանաւանդ անոնց համար՝ որոնք լեզուի ուսուցիչ են ու ատեն ատեն քննադատ, Աբիկեան էֆէնտիի բառագրքին մէջ յարգուած տեսնելուս մեծապէս գոհ եմ։

Քանի մը բառերու պարսկերէն կամ թուրքերէն ըլլալու մասին յայտնուած կարծիքներէն դիւրին է հետեւցնել որ քննադատը Բաղդատական Լեզուաբանութեան հմտութիւն չունի։ Այն լեզուներուն համար, որոնք արմատակից են իրարու, չկրնար ըսուիլ որ իրարմէ առած են իրենց բառերը։ «Պապա» ու «Բաշա» բառերը թուրքերէն ու պարսկերէն կրնան ըլլալ եւ ոչ ոք կրնայ պնդել թէ մին միւսէն առած ըլլայ զանոնք ու ոչ ոք սխալ մը գործած կ’ըլլայ պարսկերէն կամ թուրքերէն նշանակելով զանոնք։ Վաղամեռիկ Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան իր Հնդեւրոպական Նախալեզուին մէջ՝ պարզած է այս ճշմարտութիւնները եւ անոնք որ ստուգաբանական դատաւորներ ըլլալու փափաքը ունին, արտին գէթ այս տարրական գիրքերը ընթեռնուլ։

* * *

Ըսի որ նպատակ չէր բառ առ բառ հերքել քննադատութեան բոլոր շէնքը. աշխատութիւնը դիւրին, բայց տաղտկալի պիտի ըլլար։ Անոր հիմունքը վերցնել կը բաւէ ինծի։ Յետոյ, եթէ մէկ կողմէն դժգոհ եմ որ քննադատը յայտնի անբաւականութեամբ մը հրապարակ ելած է, միւս կողմէն առիթ տուած է ինծի յաիրաւի մոռացումի մէջ ձգուած հսկայ աշխատութիւն մը՝ հանրային ուշադրութեան ներկայացնելու։ Մայրաքաղաքիս մէջ առաջին անգամ է որ հայ մը՝ օսմանեան լեզուի բառարան մը յօրինած է, նախ՝ երեքլեզուեան, յետոյ՝ երկրորդ տպագրութեամբ մը՝ միայն թուրքերէն եւ հայերէն։

Միեւնոյն միջոցին այս անվհատ աշխատաւորը ձեռնարկած է հրատարակութեան տալ թուրքերէն ընդարձակ եւ օրինակներով պարզուած բառարան մը որուն ութը թերթերը ի լոյս ընծայուած են արդէն։

Իր բառագրքին վրայ եղած խիստ ու անիրաւ դատաստանը՝ գծագրութեանց մէջ դրուած շուքին պիտի նմանի որուն շնորհիւ բուն պատկերը աւելի լուսաւոր ու պայծառ կ’երեւայ աչքերու։

Քննադատութիւնը՝ անկարողներուն կարողութիւնն է, ըսաթ է Սէնթ Պէօվ։ Ամեն անգամ որ անհմուտ մարդոց քննադատութիւնները կարդանք, Սէնթ Պէօվի այս խօսքը արդարացած պիտի տեսնենք։