Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾՈՒՌ ՎԱՐՈՒՆԳԸ

Օտար որբանոցներու մասին Պոլսոյ հայ մամուլին գրածները կը կարդամ միշտ. կ’ենթադրեմ որ գոնէ մայրաքաղաքիս Հայերուն կարծեացը ցոլացումը ըլլան անոնք։

Չնչին բաներու համար զարմացողներէն չեմ. շատոնց կը ճանչնամ հանրային կարծիք ըսուած բանը կոյր ու յամառ, ոպէս է միշտ եւ ամենուրեք։

Բայց իրօք կ’ապշիմ կը մնամ՝ օտար որբանոցներու դէմ մղուած գձուձ վէճը, անտեղի ու ազգավնաս կռիւը տեսնելով։

Քիչ անգամ ապերախտութիւնը, նոյն իսկ դասականը, այս աստիճան անպատկառութեան սահմանները կը թեւակոխէ. քիչ անգամ ժողովուրդ մը անազնիւ նկարագրի ասանկ տխուր օրինակ մը կուտայ։

Կ’ընդունիմ, ափսո՜ս, մր բնաւ օգտուած չըլլանք պատմութեան դասերէն. կ’ընդունիմ որ միշտ այն յետնեալ ազգը մնացած ըլլանք որ կրօնական պայքարներու մէջ կը դեգերէր ու կը փճանար։ Ասոնք բոլորը կ’ընդունիմ, բայց չեմ ընդունիր որ ժողովուրդ մը իրեն ցոյց տրուած կարեկցութեան դէմ, իր հոգւոյն մէջ բան մը չզգայ, տր սրտին մէկ թելը թունդ չելլէ. երախտագիտութեան զեղում մը չպոռթկայ իրմէ. այլ խորամանկ ու կասկածոտ մարդու պաղարիւնութեամբ՝ հաշիւ, նենգութիւն ու խարդաւանանք փնտռելու ելլէ անոր մէջ ու ամբաստանութեան տակ ձգէ զայն։

* * *

Գիտեմ արդարացումը որուն տակ պիտի ջանան պարտկել այս ընթացքը. մարդասիրութեան համար չէ որ օտարները մեր որբերը կը խնամեն. մարդորսութեան եկած են մեր մէջ, մեր պապուն՝ Ս. Լուսաւորչի լոյս հաւատքէն զատելու համար մեր զաւակները։

Նախ սա ըսեմ որ մեր ժողովուրդը Լուսաւորչի լոյս հաւատքը պահպանելու համար իր ձեռքէն եկածը ըրած է միշտ, երբեմն իր տունը քակելու աստիճան։ Չեմ գիտեր թէ Լուսաւորչին համար ալ ասոր փոխադարձը ըրած ըլլալու մասին վկայութիւն տուող մը կա՞յ արդեօք։ Յանցանքը մերը չէ ուրեմն եթէ կաթոլիկութիւնը կամ բողոքականութիւնը Լուսաւորչի դէմ ախոյան կ’ըլլան։

Չեմ անգիտեր թէ անոնք կը ջանան օգտուիլ մեր կարեկցութեան արժանի վիճակէն. ասիկա ընդհանուր ջանքն է ամեն կրօնքներու որոնց մէջ մերինն ալ կայ։

Չօգտուեցա՞նք միթէ անցեալները հրեայ աղջկան մը հայ երիտասարդ մը սիրելէն՝ հայ աղջիկը Լուսաւորչական ընելու համար։ Ծափահարողներ գտնուեցան մեր մէջ Պատրիարքարանի այս յաջողութեանը որ, իրօք, երիտասարդին աղուոր հասակին եւ դեղին պեխերուն վերագրելի էր միայն։

Եւ միեւնոյն անձերն են կամ անոնց համակարծիքները որ դատապարտելի կը գտնեն՝ երբ ուրիշ կրօնքի վերաբերող մարդիկ ալ առիթէն օգուտ քաղելու կ’ելլեն մեզի դէմ։

Կ’երեւակայեմ երբեմն ինքիրենս, աչքի առջեւ ունենալով մեր ծանօթ մոլեռանդութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուէինք արդեօք եթէ երբեք դիպուածով, մենք ուրիշին կարեկից ըլլալու բաղդը ունենայինք, եւ մեր դրամովը, մեր վարդապետներուն հսկողութեան տակ որբանոց մը հաստատէինք, օրինակի համար, բողոքական տղաքը պատսպարելու եւ կրթելու նպատակով։

Միտքէս անգամ չեմ անցըներ որ կրօնական այնքան թոյլտուութիւն շնորհէինք իրենց որքան մերինները, աղէկ կամ գէշ, կը վայելեն անոնց բացած որբանոցներուն մէջ։

* * *

Չեմ ըսեր որ զեղծումներ ալ կրնար գործուած ըլլալ այդ հաստատութեանց մէջ։ Որբանոց բացողներուն ներքին փափաքը, որ ինքնին արդարանալի է ապաքէն, մեր տղաքը իրենց հաւատացած կրօնքին մէջ մեծցած տեսնելու, կրնայ երբեմն տգեղ ձեւերով ալ արտայայտուիլ եւ հարկաւ մեղադրելի կ’ըլլայ այն ատեն։

Խոստովանինք նախ որ մինչեւ ցարդ ո եւ է նշանակալի բան մը չէ յայտնուած։ Ընդհակառակը, պէտք է ճանչնալ որ չափազանց սեղմումներ հաստատած չեն մեր մանուկներուն դէմ։ Գանգատի նիւթ սեպուած բաները չեն արդարացներ այն նախատինքները որոնց տակ ծածկեցինք այդ որբանոցները։ Եւ պէտք չէ զարմանալ եթէ ատոնց պահպանումը ստանձնողերը, վերջ ի վերջոյ դառնացած՝ կռնակնին դարձնեն մեզի, այն ատեն Պատրիարքարանի հռչակաւոր որբանոցները չեն որ փողոցը մնացած մեր մանուկները պիտի պատսպարեն։

Հայ ժողովուրդը չի կրնար եւ պէտք չէ որ մոռնայ իրեն եղած բարիքը՝ միայն կրօնական խուլ մոլեռանութենէ մը մղուած. կը պահանջեմ որ ժամանակագրական սխալները սրբագրենք քիչ մը։

* * *

Պէտք չէ մոռնալ, որ ինչպէս հարստութիւնը, անանկ ալ աղքատութիւնը իր պարտականութիւնները ունի. իր ինչպէ՞ս ըսեմ, անխուսափելիութիւնները. ներեցէք բառիս տգեղութեանը։ Պէտք է հանդուրժել գիտնել ասոր. պէտք է մուրացկանութիւնը ընել գոնէ վայելուչ ձեւով. մինակ թատրերգութեանց մէջն է որ Տոն Սէզար տը Պազանի ամբարտաւան ու ազնուական պապուկի ձեւերը կը ծափահարուին. դուրսը պարզապէս ծաղրելի կ’ըլլան անոնք։ Պէտք է համեստութեամբ ու երախտագիտութեամբ ընդունիլ ողորմութիւնը որ կը տրուի մեզի եւ ոչ թէ ծիծաղելի գոռոզութեամբ մը նմանիլ այն պապուկին՝ որ իրեն ողորմութիւն տրուած վարունգին ծուռ ըլլալուն վրայ կը գանգատէ։