Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՆԴՈՒԽՏ

Պանդխտութիւնը ոխերիմ հակառակորդներ ունի մեր մէջ. չի կայ բան մը որ անոր չափ անգոսնուած ըլլայ. ամեն ոք համաձայն է զայն նկատելու համար իբրեւ ուտիչ ցեց մեր գաւառացի հասարակութեան մէջ. լրագրութիւնը, յորմէհետէ կայ, անդուլ պայքար մը կը մղէ անոր դէմ, մինչդեռ վէրքը անդին ա՛լ աւելի կը մեծնայ, կը բացուի, կը խոշորնայ։

Հօրենական տունն է որ կը պարպուի հետզհետէ, դաշտերն են որ անմշակ կը թողուին. շէն ու ոգեւորած կեանքէն բան մը կը պակսի շարունակ՝ երաժշտութեան մարող նուաղող եղանակի մը պէս որ առանց զգալու լռութեան կը յանգի։

* * *

Պանդխտութիւնը իմ թշնամիս չէ բնաւ. գիտեմ այն բոլոր առարկութիւնները որով ամենքը կը զինուին անոր դէմ, բայց այդ բոլորը չեն համոզեր զիս։

Պանդխտութիւնը, ուրիշ ամեն բանի պէս, իր աղէկ ու գէշ կողմերը ունի. եւ լուրջ հաշիւէ մը ետքը՝ կը տեսնեմ որ աղէկ կողմերը գէշերէն շատ աւելի բազմաթիւ են. զառիկը թոյն մըն է, բայց զօրացուցիչ դեղ մըն է միանգամայն։ Կ’ուզէ՞ք որ բոլորովին մէկդի թողունք անոր գործածութիւնը։ Չեմ գիտեր ուսկից համոզում մը գոյացուցած է մեր մէջ, թէ անոնք որոնքիրենց բնակավայրէն բաժնուած են, կորսուած են ոեր հասարակութեան համար։

Աչքէ հեռու, սրտէ ալ հեռու կ’ըսեն ինծի. եւ ո՞ւր թողունք կարօտը որ ամեն հեռաւոր առարկաները այլ աւելի բաղձալի կը դարձնէ։

* * *

Խորհեցէք մանաւանդ որ ճամբորդութիւնը, քաղաք ու միջավայր փոխելը դաստիարակութեան մաս մը կազմէ, եթէ ինքնին ամբողջ դաստիարակութիւնը չէ։

Եւրոպական ամեն ազգեր ճամփորդութիւնը իրենց մտաւոր ու նիւթական զարգացման ամենէն հզօր ներգործիչը կը ճանչնան ու չեն սխալիր. կիները ու աջիկներն իսկ կը ճամբորդեն, կը տեսնեն, կը սորվին։ Մեր մէջ շատ աղջիկներ կարգուելէ կը խուսափին, վասն զի հեռու տեղ մը, օտար երկիր պիտի պարտաւորին հարս երթալ։

Ծնողներ շատ հեղ Եւրոպա չեն խրկեր իրենց զաւկաները կրթութիւն առնելու, վասն զի ճամբորդութիւնը, հեռաւորութիւնը կ’ահաեկէ զիրենք, ու մատով կը ամրուին այն մարդիկ, որոնք իրենց նան, մեծցած քաղաքը ձգած են՝ ուրիշտեղ մը հաստատուելու ու աշխատելու համար։

* * *

Միեւնոյն բանն է, պիտի ըսեն ճամբորդութիւնը ու պանդխտութիւնը. ինչո՞ւ չէ. ժամանակի տեւողութեան խնդիր մըն է տարբերութիւնը։

Յետոյ, այս պանդխտութիւն բառը ինքնին լալկան ողորմելի բան մը ունի կարծես, լալկան՝ մեր զգացումներուն պէս, ողորմելի՝ մեր յետադէմ համոզումներուն նման։

Մեր բանաստեղծները, ամենքը առանց բացառութեան, քիչ շատ երգած են պանդխտութեան ցաւերը եւ մեր պատմիչները սրտայոյզ շեշտերով նկարագրած անոր պատճառած կորուստները։

Գիտնալու է սակայն ընդանուր առմամբ որ հոն միայն կորուստ կայ ուր շահ ալ կայ. մի՛ դատապարտէք ուրեմն պանդխտութիւնը անոր համար որ պաղած սրտեր կրնան բոլորովին ցրտանալ։

Ես պանդխտութիւնը կը նկատեմ իբրեւ այն աւազանը ուր մխուողները կա՛մ առողջ կ’ապրին կա՛մ կը մեռնին. տկարները ու թոյլերը չեն դիմանար ու օտարութեան մէջ անյայտ կ’ըլլան. չեմ ցաւիր այս կորուստին համար. այլ կը խարհիմ անոնց որոնք դուրս կ’ելլեն ջուրէն՝ առոյգ ու կայտառ, անոնց որ տուն կը դառնան, որ Կ. Պոլիսը ու շատ քաղաքներ տեսնելէ յետոյ, յօժարութեամբ կը տեսնեն իրենց բնակավայրը, աղքատիկ, պարզուկ ու համեստ։

* * *

Պանդո՜ւխտ. բայց այս բառը կարեկցութիւն չարթնցներ իմ սրտիս մէջ. արգահատանքով չեմ նայիր անոր, այլ հպարտոթեամբ . իմ պարծանքս է ան եւ ոչ իմ ցաւս։

Մխիթար աբբան պանդուխտ մըն է Վենետիկի մէջ. ամբողջ ամիրայութիւնը Պոլսոյ մէջ ասկէ առաջ Ակնէն եկող գաւառացիներէ ձեւացած էր. հիմա եւս Կ. Պոլսոյ հայ վաճառականութիւնը ո՞չ ապաքէն նորէն դրսեցիներուն ձեռքն է։

Այս ամենքը իրենց բնակավայրին մէջ աննշան պիտի կորսուէին. պանդխտելով՝ նոր կեանքով մը ապրեցան եւ չի դադրեցան օգտակար անդամներ ըլլալէ իրենց պատկանաց հասարակութեան։