Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

Ճիշդ այսօրուան պէս շաբաթ օր մըն էր, 1852ի Փետրուար ամսուն առաջին շաբաթը, երբոր Մասիսը, Կ. Պոլսոյ առաջին կանոնաւոր հայ լրագիրը, լոյս տեսաւ. լոյս մը՝ որ մութէն շատ տարբեր ըլլալու չէր այն խանի անկիւնին մէջ ուր այս օրաթերթը հրատարակուի կ’սկսէր։

Ձեռնարկը նորօրինակ էր։

Ղազէթաճիութիւնը այն ատեն արհեստ մը չէր եւ իբրեւ ապրելու միջոց՝ երկբայելիէն ալ պակաս բան մը կը նշանակէր։

Ի՞նչպէս եղաւ որ Կարապետ Իւթիւճեան, խոհեմ ու շրջահայեաց մէկը, այս բաղդախնդրութեան մէջ նետուեցաւ։

Հարկաւ ազգին այն ատենի երեւելիները իր կողմն էին եւ անոնց դրդմամբ այս ասպարէզը ընդգրկած էր ան. սովորութիւն էր այն ատեն եւ հիմակ ալ ինչո՞ւ չըլլար որ երիտասարդները՝ իրեն մեծերուն, տարիքոտներուն խօսքովը ասպարէզ մը որոշէին իրենց, եւ զարմանալի բան, 1852ի աղաները փափագեր էին որ Կարապետ Իւթիւճեան ղազէթաճի ըլլայ։

Պզտիկ գայթակղութիւն մըն էր ասիկա, ոչ միայն հասարակութեան համար՝ այլ Իւթիւճեանի ընտանիքին մէջ ու անոր շուրջը։ Այս մարդէն՝ որ ամեն գիտցածը ու լսածը, ամեն անցածը ու դարձածը կը պատմէր կ’իմացնէր իսկոյն ամենուն իր ղազեթայովը, զգուշանալու էր։ Ու իր ոտք կոխած տանը մէջ խօսակցութիւնները կ’ընդհատուէին վախցուելով որ հոն ըսուածները միւս օրուան թերթին մէջ չի հրատարակուին, իրենց անունին յիշատակութեամբը, ինչ որ լրումը պիտ ըլլար ամօթի. միամիտ ու անմեղ խոհեմութիւն՝ հիմակուան սովորութեան քով որ ամեն տեղ խմբարին ներկայութեան անձուկը ունի, ամենէն մտերմական բաները հրապարակուած տեսնելու համար։

Հետաքրքրութիւնը եւ չարութեան պզտիկ որդը, որ ամեն մարդու հոգւոյն մէջն է, այս օրագրին ընթերցումը կ’ապահովէին։

Կարդալ գիտցողները խիստ փոքրիկ թիւ կը կազմէին, բայց կարդացողները, ապահովապէս, կը հասկնային կարդացածնին. հիմա կարդալ գիտցողներուն թիւը շատցած է անտարակոյս, բայց կարդացածնին հասկնալ գիտցողներուն թիւը նոյնքան նուազած կրնանք սեպել, խոտորնեկ համեմատութի՜ւն, որ խորհրդածութեան արժանի նիւթ մըն է կարծեմ։

Այն ատեն նորութիւնները կը սիրուէին։

Հասարակութիւններն ալ անհատներու պէս են. տարիքի շրջաններ ունին ուր հասնելնուն կանգ կ’առնեն. տեսակ մը կայքեր, բացավայրեր են ասոնք ուրկէ աջին կարելի է երթալ ինչպէս ձախին, եւ ուր քիչ մը կը մտածեն, շուրջերնին կը դիտեն կարծես, դէպի այս կամ այն կողմը շտկուելէ առաջ։

Հայ հասարակութիւնը այդ միջոցին քիչ մը վարանելէ ետքը հաստատ մտադրութեամբ մը նետուիլ կ’ուզէր Եւրոպայի մտաւորական զարգացման ճամբուն մէջ. ասիկա քիչ մը կանխահաս էր մեզի համար, վասն զի յայտնի վտանգ մը կար որ անոր լուրջ աշխատութիւններուն հետեւելէ աւելի՝ արտաքին կարգ ու սարքովը ու վայելչութիւնովը միայն հրապուրուէինք։

Սերվիչէններ, Օտեաններ, Ռուսինեաններ, Զօրայիններ, Իւթիւճեաններ Եւրոպայի գրականութենէն շլացած կը դառնային հոս, այն ատենուան մեր գրչի արտադրութեանց հանդէպ՝ ինքզինքնին գտնելով՝ ելեկտրական լոյսով լուսաւորուած քաղքի մը վարժութիւնը ստացող մարդոց դիրքի մէջ որոք յանկարծ ռամիկ բէթռօլին կամ նոյն իսկ պատրոյգով վառուած ճրագի մը լոյսով գոհանալու կը պարտաւորուին։

Առաջին ըլլուելիքը Պոլսոյ հայ հասարակութեան համար լրագրութիւն մը հաստատելն էր։ Հին օրէն մնացած ամիրայ կամ Բարիզէն նոր վերադարձող երիտասարդ ծերունի եկեղեցական կամ նոր դասախօսելու կոչուած վարժապետ, ամենքը համաձայն գտնուեցան այս կէտին վրայ, ու Մասիսը երեւցաւ։

* * *

Ըսի որ Պատրիարքարանի աղաները պաշտպան կեցան իրեն առջի օրէն եւ Մասիսը անոնց բերանը մնացած մինչեւ վերջը. ազնուականութեան թեթեւ հով մը փչեց միշտ այս թերթին մէջ. անոր գաղափարները, լեզուն ու քալուածքը գռեհիկէն զգուշացան, բան մը զոր նախատինքի մը պէս անոր երեսին նետեցին ատեն մը։

Վերջէն երբոր օրագիրները շատցան մեր մէջ, իր ուրոյնութիւնը եղաւ հանրային խնդիրներու առթիւ կամ գրականութեան մասին ամբոխին մէջ բէշերը վեր ժողված մարդերու կեցուածքը առնել։ Նեղացան իրեն դէմ եւ նախանձեցան իր վրայ։ Ամեն համեմատութիւն պահելով կրնանք ըսել որ մեր Journal des Débatsն եղաւ Մասիսը շատ մը տարիներ։

Տարիքնին առած, լուրջ ու դիրքի տէր մարդիկ կան որոնք օրին մէկը մետաքսէ գուլպայի մէջ պարուրուած գեղեցիկ սրունք մը կամ հոլանի լանջք մը դիտելու մարմաջէն կը բռնուին ու, հանրային պարասրահը չի համարձակելով մտնել, բարենպատակ հաստատութեանց համար տրուած պարահանդէս մը կ’երթան կամացուկ մը, պզտիկ դիմակ մը անցուցած երեսնին, համոզուած՝ որ հոն երթալնուն լսուիլն ալ չի կրնար իրենց պզտիկութիւն մը սեպուիլ կամ գայթակղութիւն մը դառնալ։

Ասոր պէս ալ, պատահեցաւ որ պետական պաշտօնեաներ կամ ալեւոր Սրբազաններ հրապարակագրութեանց ախտէն վարակուած՝ ատեն ծածկանունով մը երեւային Մասիսին մէջ, հանրային վէճերուն խառնուելու համար։

 

Ժողովրդական չեղաւ այս օրագիրը, անջրպետ մը մնաց ամեն ատեն իր եւ խուժանի մէջ. իր նրբամիտ հեգնութիւններէն չէր կրնար համ առնել հասարակութիւն մը որ միւս լրագիրներուն լեզուին ու ստորին հայհոյութիւնները լսելու սովորած էր։ Մասնաւոր դասակարգի մը թերթը մնաց անիկա. յատուկ առանձնասենեակ ուր կռիւ ու պոռչտուք չի կայ, ուր է՛ն ծանր խօսքերն անգամ մեղմ ձայնով կը զուրցուին։ Շատերը եկան անցան անկէ՝ բայց ո՛վ որ ըլլար եկողը՝ քիչ ատենէն տանտիրոջ ձեւերուն ծալքը կ’առնէր, իր բառերուն ընտրութիւնը ընելու, երանգները ճշդելու արուեստին վարժութիւնը կ’ունենար, այնպէս, որ տանտիրոջ քաշուելէն ետքն ալ անոր ձգած աւանդութիւնները անեղծ մնացին հոն մինչեւ վերջը։

Գրական շաբաթաթերթը ահաւասիկ շուրջ տասնըութը տարիներէ ի վեր՝ Մասիս նոյն ազնուապետական հովը, նոյն խղճամիտ ջանադրութիւնը խմբագրութեան մէջ ու նոյն բարեկրթութեան մտադրութիւնը պահած է ամեն առթիւ ու ամեն տեղ։

* * *

1878ին ատենները, պատանի մըն էի ու ջերմ հակառակորդ Մասիսին։ Լրագիրին մէջ, Նիկողոս Թիւլպէնտճեանի թերթը, իմ բոլոր ոյժովս կը մաքառէի ամեն անոնց դէմ որոնց հանդիսաւոր ու ճանչցուած ներկայացուցիչն էր Մասիսը։ Հոնկէ կը պատասխանէին ինծի. զիս հերքելու յատկացուած տողերուն վրայ Կարապետ Իւթիւճեանի հեգնոտ ծիծաղը կը նշմարէի, ծիծաղ որ դիւրային բան մը ըլլալու էր։

Ըսի՞ ձեզի որ իմ դրացիս էր անիկա, Պէշիքթաշ, ճիշդ մեր քովի դրացին։

Առջի հեղ, որ մեզի այցելութեան եկաւ անիկա, հետաքրքրութեամբ դիտեցի այցելուն. ա՞յս էր այն աներեւոյթ ոգին որ Մասիսը կ’երկնէր. սովորական մահկանացու մըն էր անիկա եւ ոչինչ կը զանազանէր զինքը ուրիշներէն. ես իմ երեւակայութեանս մէջ բոլորովին տարբեր մէկու մը կերպարանքին տակ պատկերացուցեր էի այս մարդը ուրկէ թաղական ու քարոզիչ կը դողային։

Այս տեսակ սթափումներ շատ հեղ տեսած եմ իմ շուրջս ալ, իմ անձիս համար արտայայտուած։ Զիս՝ պարթեւ հասակով, գեղեցիկ մօրուքով, լուրջ ու խոժոռ մէկը երեւակայողներ շատ ունեցար եմ եւ քիչ չեմ զուարճացեր տեսնելով այս մարդիկը ինքզինքս ճանչցնելուս՝ ապշած, գրեթէ չի հաւտալու պատրաստ։

Իմ առաջին տպաւորութիւնս ակնածանքով խառն գոհունակութեան զգացում մը եղաւ. Իւթիւճեան մեր դրացին՝ Մասիսի չորս մեծադիրք էջերը իմ տրամադրութեան տակ զգացի ու իսկոյն պզտիկ ու վեհերոտ փորձով մը մօտեցայ իրեն։

Ո՞վ բանաստեղծ չէ եղած քիչ մը տասնըհինգէն մինչեւ իր քսան տարիները. երեւակայեցէք թէ ինչ էի ես այդ միջոցին, երբոր հիմա քառսունիս մօտ ինչո՞ւ ճիշդ քառսունիս մէջ ըլլալս խոստովանելու արիութիւնը չունիս արդեօք դեռ քերթուածներ կը հրատարակեմ։

Այն զոր մատուցի իրեն, նոր մեռած աղջկան մը մահուան առթիւ գրուած էր. այն ատենուան տիրող միակ բանաստեղծական ձեւն էր աս։

Մխիթարեանները մտցուցեր էին ասիկա մեր մէջ, Պէշիկթաշլեան, Թէրզեան, Աճէմեան Վենետիկէն հետերնին իրենց ճամբորդութեան սնտուկներուն մէջ բերեր էին զայն։ Ոչ ոք կը մեռնէր Պոլսոյ մէջ առանց կանխապէս ապահովելու որ իր ետեւէն հասցնեն ոտանաւոր մը որ սովորաբար սա վերնագիրը ունէր.

Ի ՍԳԱԼԻ ՄԱՀ ՕՐ. ՆԵԿՏԱՐ ՍՐՄԱՔԱՇԵԱՆԻ

Այսօրուան պէս միտքս է չար ու հեգնող ժպիտը զոր իմ քերթուածիս ընթերցումը պտըտցուց Իւթիւճեանի շրթունքին վրայ եւ այն ձեռքի յուսահատեցնող շարժումը որով իմ գեղեցիկ ոտանաւորս ինծի վերադարձուեցաւ։ Այդ վայրկեանին իմ բոլոր ատելութիւնս որ տեղի տալու վրայ էր, արթնցաւ նորէն այս ազնուականներու ջոջերու թերթին դէմ, այնքան որ բոլոր զայրոյթս ու մաղձս Իւթիւճեանէն անցնելով անոնց վրայ թափուեցաւ։

Հո՞դկէ արդեօք մնաց անոնց դէմ այն բոլոր արհամարհանքը զոր մինչեւ հիմա կը պահեմ սրտիս խորքը. չեմ գիտեր։

Մասիսին հետ հաշտուելու ի դերեւս ելած այս փորձէն ետքը ո՞վ պիտի գուռակէր որ օրին մէկը շաբաթաթերթ Մասիսին մէջ պիտի հրատարակուէր իմ առաջին վէպս։ 1886ին մօտերն էր երբոր Արեւելքի խմբագրական մարմինը որ Մասիս շաբաթաթերթին ալ խմբագրութիւնը կը վարէր, կարդաց Անհետացած սերունդ մըին մէկ երկու գլուխները ու հաւնեցաւ անոր. հիմա միայն կ’ըմբռնեմ որ զիս քաջալերալու կամքէն զատ ոչինչ կրնար իմ հէք վէպս հիւրընկալել տալ Մասիսին մէջ։

Աղէ՞կ եղաւ, գէշ եղա՞ւ ասիկա, լաւագոյն չէ՞ր ըլլար թէ՛ ինծի եւ թէ՛ անոնց համար որոնք իմ գրածներս կը կարդան, որ այդ վայրկեանին նոր մերժումով մը գրական ասպարէզը բոլորովին փակուէր իմ առջեւս։

Հիմա, շատ տարիներ անցան ատոր վրայէն եւ սակայն այդ ողորմելի նախափորձին հրատարակուիլը թուական մը կը կազմէ ինծի եւ շաբաթաթերթ Մասիսին համար։ Չեմ կրնար առանց խորապէս յուզուելու մտքովս վերադառնալ այդ տարիներուն։ Նորէն երիտասարդանալու պէս բաներ մը կ’զամ ներսիդիս, նոր կոչում մը, անծանօթ ձայներ կը լսեմ շուրջս։

Ու յետոյ, իմ խմբագրապետութիւնս այս շաբաթաթերթին մէջ. տեսէք ուրեմն որ, իմ դիրքս հրապարակագրութեան մէջ, պարզ զինուորի աստիճանէ սկսուած բարձրացում մըն էր, եթէ նմանութիւնը ներելի է ինծի։

Ինչ որ կրնամ հաւաստել, սա է թէ երբեք չի մոռցանք որ այս շաբաթաթերթը վարելու պատիւէն անբաժան էր մեծ պատասխանատուութիւն մը։

Տարիներու ընթացքին մէջ գաղափարները ու մարդերը փոխուած էին բոլորովին, ու այս յեղաշրջումին մէջ Մասիս նորէն գլուխը պէտք էր մնար Պոլսոյ հայ հրապարակագրութեան մէջ, ճիշդ ինչպէս իր հոյակապ հիմնադիրը պահած էր զայն ցորչափ ինքն էր անձամբ զայն հրատարակողը։

Ես ու բարեկամներս թերացանք թէ ոչ այս մտադրութիւններնուս մէջ, ասիկա մեզի չիյնար վճռել։ Այն ամեն յաջողութիւնները որոնք աշխատութիւնով, անձնուիրութեամբ կրնան միայն ձեռք բերուիլ, այդ բոլորը Մասիսին բերած ըլլալնուս համոզումը ունիմ. իսկ անոնք որոնք բնածին տաղանդով միայն կը բերուին, ատոնք լալ ունեցա՞նք թէ ոչ՝ Մասիսին ընթերցողներուն կ’իյնայ ըսել։

* * *

Կէս դարի անջրպետ մը կը լեցուի Մասիսին առաջին թիւէն մինչեւ այսօր։ Մինչդեռ մարդերը կը ծերանան, իրենց հիմնած գործերը օրէ օր աւելի կ’երիտասարդանան, նոր ոյժերով կը շարունակուին։ Տարօրինակ ճակատագիր աշխարհային բաներու որ օրագիրի մը մէջ աւլեի ոյժ, հոգի ու կենդանութիւն կը դնէ քան թէ զայն հիմնող մարմնին մէջ։

Պատճառը այն է գուցէ որ օրագիր մը, իր ճշմարիտ կոչումին պատասխանելուն, կը դադրի ասոր կամ անորը ըլլալէ, հանրութեան կը պատկանի ա՛լ, ամբողջ հասարակութեան սեպհականութիւնը կ’ըլլայ եւ պատճառ մը չի կայ, որ անոր վիճակակից, չի շարունակուի այդ հասարակութեան կեանքին բոլոր տեւողութեամբը՝ իր վրայ անեղծ պահելով դրոշմը բոլոր պատմական անցքերուն։

Եւ այսպէս երբոր կը տրուի իրեն յիսուն տարիներու շրջան մը բոլորել, իր հիմնադիրէն սկսելով բոլոր աշխատակիցները իրաւունք կ’ունենան արդար հպարտութեամբ մը ողջունելու զայն։