Աբուսահլ հայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Յառաջաբանի մէջ յիշուեցաւ այս պատմութեան ձեռագրին սկզբան պակասութիւնը. հիմակուան եղածին առաջին երեսն այլ քիչ մի մաշած եւ դժուար կարդալի է. ասկէց թուի սխալ թուական կամ քանի մի բառ պակաս, որով շփոթի ըսածն. որ է այսպէս։ 

«Սկսինք օգնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Աստուծոյ։ Մեր ժամանակիս, այսինքն ի սկզբան 564 տարւոյ (հիճր. որ է հոկտ. 1168-1169 սեպտ. թուին Քրիստոսի), եղաւ վերաշինութիւն Ս. Յակովբ կոչուած եկեղեցւոյն (Հայոց), որ Եգիպտոսի Այգեստան կոչուած վիճակին մէջն է, բլրոց մօտ»։

Բնագիրն՝ Ալ–Պասադին յոգնակի գրէ՝ ուրիշ տեղ Ալ–Պուսդան ըսածը, որ է այգի, պարտէզ, պահէզ, եւ Գահիրէ մայրաքաղաքէն քանի մի մղոն միայն հեռու է՝ յարեւելեան հարաւային կողմն։ Տեղն ստոյգ, ըսած թուականն կամ վերաշինութիւնն սխալ. վասն զի ի յիշեալ թուականին՝ վանքն ոչ թէ շինուեցաւ՝ այլ աւրուեցաւ կամ ամայացաւ, ինչպէս քիչ մի վերջը պիտի ըսէ ինքն պատմիչն, ապա թուի թէ այս տեղ աւրուիլը յիշելով մէկ բառիւ՝ առաջին շինութիւնն ալ ուզեր էր յիշել, եւ երկու դիպուածն յիրար խառնուեր է։ 

«Այս եղաւ... էմիրին ատեն, որ կառավարէր զԵգիպտոս, շնորհիւ սուլտանին, եւ բարեկամ էր ամէն քրիստոնէից, թէ մեծամեծաց թէ ռամկաց»։

Անուն էմիրին պակսի ի ձեռագրին, բայց յետոյ յիշածէն յայտնուի, որ Մուսդանզիր խալիֆէի՝ հայազգի Վզրուկն էր, Պատր ալ-Ճամալի կոչուած, եւ շատ անգամ՝ Էմիր ալ–Ճիւյիւշ, այսինքն՝ զօրապետ. յիշուի նա եւ ուրիշ պատուոյ անուամբք։ Սա իբր դար մի յառաջ քան զվերոյիշեալ թուականն, այսինքն ԺԱ դարու վերջին քառորդին, Հայոց նոր գաղթական բերելով՝ բազմացուց յԵգիպտոս զհամազգիս՝ իբրեւ 30, 000 տուն. գոնէ 10, 000, ինչպէս գրէ Ն. Շնորհալւոյ հմուտ կենսագիրն, ասոնց յատուկ եպիսկոպոս այլ ձեռնադրեց մեծ կաթողիկոսն Գրիգոր Վկայասէր, անձամբ գալով յԵգիպտոս, ինչպէս պիտի վկայէ եւ մեր պատմիչն։ Պատրի ի՛նչ ցեղէ ըլլալն յայտնի չէ. միայն կ՚ըսուի՝ թէ Ասորւոց երկրէն եկած էր կամ բերուած իբր գերի

«Ինքն (էմիրն) ամսական տասն դենար (ոսկի դահեկան) կ՚առնուր վարձ երկրի (վանացն Հայոց), որ իր կալուածն էր։ Ձեռք զարկաւ եւ յառաջ տարաւ զվերաշինութիւն Ս. Յակովբայ սրբարանին (արաբ. ասքինա, ի յոյն άσχηυη բառէ). բարձր գմբեթով՝ որ շատ հեռուէն կ՚երեւէր, կամարօք եւ կամարակապօք եւ աւարտեց բոլորը, նորէն հաստատելով մեծամեծ դռները. ասոնք ատեն մի վերցուեցան, բայց ինքն նորէն նորոգեց. դարձեալ վերուցին այդ դռները, ինքն այլ դարձեալ հաստատեց»: Հաւանօրէն՝ քրիստոնէից եւ մանաւանդ Հայոց՝ այն ատենի եւ տեղւոյ առաջադիմութեան նախանձոտք եւ հակառակողք կ՚ընէին զայս:

Այս դիպուածոց մանրամասնութենէն աւելի՝ փափագելի էր մեզ գիտնալ, թէ ե՞րբ առաջին անգամ շինուեր կամ հիմնուեր էր՝ այդ Երուսաղեմի զուգորդ Հայոց եգիպտական Ս. Յակովբն. որովհետեւ պատմիչն՝ վերաշինութիւն կամ նորոգութիւն կոչէ Էմիրին ըրածը. որոյ գործակից  եղած է եւ Գրիգոր՝ մեծ Վկայասէրն. ինչպէս վկայէ եւ պատմիչն Վարդան, թէ երբ եկաւ «ի Մսր, եւ մեծարեցաւ յոյժ ի սուլտանէն, եւ շինեաց վանս Հայոց, եւ ձեռնադրեաց զեղբօրորդի իւր Գրիգորէս՝ եպիսկոպոս». սա ըստ այլոց եւ ստուգիւ՝ քեռորդի իւր էր: Վկայասիրի առաջին անգամ Եգիպտոս գալուն թուականն հասարակօրէն համարուի 1076. թէ եւ ըստ Վարդանայ թերեւս աւելի կանուխ. զի հազիւ տարի մի նստած յաթոռն (1065-6) » գնաց, կ՚ըսէ, ի Կ. պոլիս, ի թարգմանութիւն. եւ առեալ զգրեանն՝ կամեցաւ գնալ յԵրուսաղէմ. եւ նաւին առեալ զնա (վարելով հողմոյն) տանի ի Մսր»։ Վանաց շինութեանն անտարակոյս ձեռնտու եղած է Պատր, որոյ արդէն յամի 1074 Վզրուկ ըլլալն յիշուի։ Սա բաց այդ մեծ Ս. Յակովբ եկեղեցիէն

«Աւարտեց զնորոգութիւն (ուրիշ մօտիկ) եկեղեցւոյ մի, բայց օծել չտուաւ, եւ ոչ պաշտօն կատարել հօն: Երբ վախճանեցաւ ինքն՝ թաղուեցաւ այս եկեղեցւոյ մէջ։ Հիմայ այս վանացս չորս կողմն են պարտէզք, բանջարանոցք եւ արտորայք ցորենոյ. զբօսանքի տեղեաց ամենէն նշանաւորներէն մէկն է։ Երբոր Ղուզք (ցեղակիցք Թուրքաց) եւ Քուրդք  տիրեցին Եգիպտոսի երկրին հիճր. 564 (1168-9 Փրկչին), ամենուն ծանօթ տագնապը եկան այն ատեն Եգիպտոս բնակող Հայոց վրայ՝ իրենց պատրիարքն եւ կրօնաւորք՝ մեր յիշեալ վանքէն վռընտուեցան, դռներն պատեցան գոցուեցան, եւ ոչ ոք համարձակէր մօտենալու ամայացեալ եկեղեցիներուն»:

Եգիպտոսի տիրողն էր հռչակաւոր Սալահէտտինն՝ Հալպայ եւ Դամասկոսի Նուրէտտին սուլտանին հրամանաւ. եւ զի ազգաւ Քուրդ էր նա, Աբուսահլ անոր զօրքերն այլ Քուրդ կոչէ, որոց զինակից էին եւ Ղուզք կամ Ղօզք՝ իսկ թուականն՝ որ ստոյգ է եւ նոյն իր պատմութեան սկզբան յիշածին հետ, յայտնէ մեր վերը ըսած շփոթութիւնը՝ եկեղեցւոյ շինութեանն եւ ամայութեան։ 

Այս ատենի Հայոց եպիսկոպոսին՝ զոր նա պատրիարք կոչէ, յայտնի չէ անունն. անկէ առաջ մեզ ծանօթ եպիսկոպոսն է Անանիա, 30 տարի մ՚առաջ վախճանած։ 

«Այգեստանն ի կալուած տրուեցաւ Ֆաքի ալ–Պահա Ալի անուն դամասկացւոյ (գիտնական անձ մի). սա Հայոց համար շնորհեց Յովհ. Մկրտչի եկեղեցին, որ շինուած էր ամբիծ Տիրամօր եկեղեցւոյն վրայ, ի Հարա–Զաւիլա (թաղի). հօն բնակեցաւ պատրիարքն՝ նոյն տարին» (1168–9)

Յիշեալ թաղն՝ որ հիմայ Զուվայիլա կ՚ըսուի, կոչուած է յանուն Բարբարոս (Պէրպէր) ցեղի կամ գնդի, որ շիներ էր զայն, Գահիրէ մայրաքաղաքի շինութեան ատեն, իբր յամի 969. ինչուան հիմայ կայ այն տեղ յայտնի հնութեան նշաններով եկեղեցի մի յանուն Ս. Կուսին (Ալ–Ատհրա), եւ հաւանօրէն նոյն պատմչին յիշածն է: Իսկ վրայէ վրայ շինուած եկեղեցիք շատ յիշուին եւ կան յԵգիպտոս

Որչափ այլ Հայք Եգիպտոսի տէրութեան փոփոխութեան ատեն վնասուեցան եւ քշուեցան, բոլորովին այլ անգործ եւ ապշած չեն կեցած. Ֆուստատայ (Հին Գահիրէի) մէջ Տիրամօր նուիրեալ եկեղեցի մի կար, շատ յաճախեալ ի բարեպաշտից. այդ քաղաքական շփոթից ատեն՝ եգիպտական զօրաց մէկ բաժինն՝ Ճիւյիւշիէ կոչուած՝ որ խափշիկ էր ազգաւ եւ հակառակ միւս (Ռայհանիէ) բաժնին, կողոպտեց այս եկեղեցին, եւ ինչուան ճամբաներու վրայ այլ աւազակութիւն եւ մարդասպանութիւն կ՚ընէր, ինչպէս պատմէ Աբուսահլ, եւ աւելցնէ

«Երբ Ղուզք եւ Քուրդք տիրեցին Եգիպտոսի (1169ին), գունդ մի քրիստոնեայ Հայոց` վրայ հասան այս Սեւերուն, եւ շատերը սպաննելով՝ մնացեալները վռընտեցին. եւ անոնց բնակած թաղն որ մօտ էր Ալ-Համրայ (թաղի) անբնակ մնալով՝ Հատալպա Ղուզի մականուանեալ Գահիրէի վալին գնեց, եւ մշակութեան երկիր դարձուց տեղը», եւ այլն։

Յատուկ Հայոց զօրագունդ մ՚ըլլալն ի բանակի խալիֆայիցն Եգիպտոսի, յիշեն ուրիշ պատմիչք այլ, նա եւ իրենց բնակութեան թաղը, Հիւսէյինիէ կոչուած։